Vol20special

Page 1

«Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը» Մարկոս 10.14:

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Ամսաթերթ

ՄԱՇՏՈՑԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

www.sourphagop.org/մաշտոցի_արձագանգ

Ի տարի (20-ամեակ) 2013-ի Տարեկան Բացառիկ

Հաւատք

Կրօն

Եկեղեցի

Լեզու

Մշակոյթ


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

Բովանդակութիւն Խօսք՝ Հովիւի եւ Հոգաբարձութեան

Էջ 3

Խօսք՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէնութեան

Էջ 4

Նկարներ՝ Կիրակնօրեայի 2012-2013 տարեշրջանէն

Էջ 6

Մեր Խօսքը

Էջ 11

www.soourphagop.org

Էջ 13

Հակիրճ Տեղեկութիւններ 2012-2013 Տարեշրջանի Մասին

Էջ 14

Ձեռնարկներ եւ Արտադասարանային Աշխատանքներ՝ Ժամանակագրական Շարքով

Էջ 17

Աշակերտական Ներկայութեան Տախտակներ

էջ 18

Նկարներ՝ Կիրակնօրեայի 2012-2013 տարեշրջանէն

էջ 19

2

www.sourphagop.org


êàôð´ Ú²Îà´ ²è²æ. زÚð ºÎºÔºòÆ Église Arménienne Sourp Hagop Armenian Church âáñ»ùß³µÃÇ, 8 سÛÇë 2013 ØáÝÃñ¿³É êÇñ»ÉÇ ïÝûñ¿ÝáõÃÇõÝ, áõëáõóã³Ï³Ý ϳ½Ù, ÍÝáÕÝ»ñ »õ ³ß³Ï»ñïÝ»ñ ê. Ú³Ïáµ ÎÇñ³ÏÝûñ»³Û ì³ñųñ³ÝÇ, ØÇßï »ñ³Ëï³·Çïáõû³Ùµ ÏÁ ·Ý³Ñ³ï»Ýù Ù»ñ ÎÇñ³ÏÝûñ»³ÛÇ ïÝûñ¿ÝáõÃÇõÝÁ »õ áõëáõóã³Ï³Ý ϳ½ÙÁ. ÇëÏ ÍÝáÕÝ»ñÁ ÏÁ ·áí»Ýùª áñáíÑ»ï»õ Û³ñ³ï»õáõû³Ùµ Çñ»Ýó »õ Ù»ñ ½³õ³ÏÝ»ñÁ ÏÁ µ»ñ»Ý áõ ÏÁ Û³ÝÓÝ»Ý ÚÇëáõëáí ßÝãáÕ, ²é³ù»³ÉÝ»ñáí Û³ÝÓݳéáõ, Èáõë³õáñãáí Ñ»ñáë³óáÕ »õ ²Ûµáõµ»Ýáí Éáõë³õáñ Ù»ñ Ñá·»õáñ Ïñóñ³ÝÁ: ê. Ú³Ïáµ ²é³çÝáñ¹³ÝÇëï سÛñ ºÏ»Õ»óÇÝ áõñ³Ë ¿, áñ ³ÛëåÇëÇ Ïñóñ³Ý ÙÁ áõÝÇ: 2013-Á ¦Ð³Û Ùûñ ï³ñǧ Ñéã³Ïáõ»ó³õ ²ñ³Ù ². γÃáÕÇÏáëÇ ÏáÕÙ¿: ÆÝãå¿ë ݳËáñ¹ ï³ñÇÝ»ñáõÝ, ³Ûë ï³ñÇ »õë ê. Ú³Ïáµ ²é³çÝáñ¹³ÝÇëï ºÏ»Õ»óÇÝ ³ñÓ³·³Ý·»ó ì»Ñ³÷³é гÛñ³å»ïÇÝ, »õ Û³ïáõÏ Éë³ñ³Ýáí ÙÁ ³Ý¹ñ³¹³ñÓ³õ Ù³Ûñáõû³Ý ³Ûɳ½³Ý ÇÙ³ëïÝ»ñáõÝ: ÜÇõûñ¿Ý Ù¿ÏÁª ºÕÇß¿Ç å³ïÙ³·Çñù¿Ý ù³Õáõ³Í Û³Ûï³ñ³ñáõÃÇõÝ ÙÁ áõÝ¿ñ Çñ»Ý Ù»Ý³Ï¿ï »õ Ýå³ï³Ï: ²Û¹ Û³Ûï³ñ³ñáõÃÇõÝÁ Ëáëïáí³ÝáõÃÇõÝ ÙÁÝ ¿ñ, áñ êáõñµ ²õ»ï³ñ³ÝÁ ѳÛñ ÏÁ ׳Ýãݳñ, ÇëÏ ²é³ù»É³Ï³Ý êáõñµ ºÏ»Õ»óÇݪ Ù³Ûñ: ²Ûë ³éÇÃáí ³Ù»Ý³ÛÝ íëï³Ñáõû³Ùµ ÏñݳÝù Áë»É, ÿ Ù»ñ ÎÇñ³ÏÝûñ»³Ý, ÇÝãå¿ë µáÉáñ ÎÇñ³ÏÝûñ»³Ý»ñÁ Ð³Û »Ï»Õ»óõáÛ, ÝáÛÝ Ëáëïáí³ÝáõÃÇõÝÁ ÏþÁÝ»Ý: Ð³Û »Ï»Õ»óÇÝ Ù³Ûñ ¿, ÇëÏ ÎÇñ³ÏÝûñ»³Ýª ³Ýáñ ¹áõëïñÁ: ¸áõëïñ ÙÁª áñ ÇÙ³ëïáõû³Ý ѳë³Í ¿, »õ ·Çï¿ û·Ý»É Çñ Ùûñ, ûûõóÝ»É ³Ýáñ ͳÝñ³ÏßÇé µ»éÁ: ÂáÕ áõé×³Ý³Û Ù»ñ ÎÇñ³ÏÝûñ»³Ý: ȳõ³·áÛÝ Ù³ÕóÝùáíª ÐáíÇõ »õ Ðá·³µ³ñÓáõÃÇõÝ ê. Ú³Ïáµ ²é³çÝáñ¹³ÝÇëï سÛñ ºÏ»Õ»óõáÛ

3401 Olivar-Asselin, Montreal, Qc H4J 1L5 514 331 5445 Fax: 514 331 8552 Email: eglise58@sourphagop.com




Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ՆԿԱՐՆԵՐ՝ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ 2012-13 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԷՆ

6

www.sourphagop.org


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ՆԿԱՐՆԵՐ՝ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ 2012-13 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԷՆ

Բողբոջ-Կոկոն Դասարան

Ծաղիկ-Նախակրթարան Ա.Դասարան director@sourphagop.org

7


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ՆԿԱՐՆԵՐ՝ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ 2012-13 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԷՆ

Նախակրթարան Բ.-Գ. Դասարան

Նախակրթարան Դ.-Ե. Դասարան 8

www.sourphagop.org


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ՆԿԱՐՆԵՐ՝ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ 2012-13 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԷՆ

Նախակրթարան Զ.-Երկրորդական Ա. Դասարան

Երկրորդական Բ. Դասարան director@sourphagop.org

9


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ՆԿԱՐՆԵՐ՝ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ 2012-13 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԷՆ Մեր Աւարտականները

Անդրանիկ Նասոյեան

Առէն Պապիկեան

Նախակրթարան Զ.

Երկրորդական Ե.

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ՝

մեր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ՝ Պրն. Արա Գաթարոյեանին որ մեր Կիրակնօրեայ Դպրոցին նուիրեց 100-է աւելի շապիկներ, որոնք կը պարզեն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու կնքանշանը: 10

www.sourphagop.org


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կրցանք Կիրակնօրեայ Դպրոց ունենալ եւ ամբողջացնել մեր 33-րդ տարեշրջանը: Այս տարի նաեւ 20րդ տարեդարձն էր մեր ամսաթերթին՝ «Մաշտոցի Արձագանգ»ին եւ անցեալ Սուրբ Յակոբի տօնին օրը՝ Դեկտեմբեր 2012-ին մեր կայքէջին՝ www.sourphagop. org-ին 12-րդ տարեդարձն էր:

«Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը»: Յիսուս Քրիստոսի արտասանած խօսքերը, որոնք Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու նշանաբանն են, կը մնան հիմը մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան: Այն եկեղեցիները որոնց մանուկները արգելքներ ունին երթալու Յիսուսին, դատապարտուած են պարպուելու: Յիսուսի այս խօսքերը պէտք է ըլլան հիմը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մտապատկերին, մանաւանդ Գանատայի մէջ՝ երբ պետութեան կողմէ վարժարաններու մէջ, հայ կրօնական դաստիարակութեան սահմանափակումին հետեւանքով, եկեղեցիներուն համար կենսական կը դառնայ հայ քրիստոնէական դաստիարակութիւն փոխանցել նոր սերունդին, եւ այդ կարելի կ’ըլլայ հիմնականօրէն Կիրակնօրեայ Դպրոցներու միջոցով:

Հայ Մօր Տարի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Հայրապետի կողմէ, 2013 տարին հայ մօր տարի հռչակուեցաւ: Հայ մայրը, որպէսզի իր զաւակը Յիսուսի տանի, պէտք է հաւատայ, որ որպէս Հայ, ասիկա իր իրաւունքն է, որովհետեւ որպէս հայ մայր, ասիկա իր պարտքն է ու իրաւունքը որ շահած է, ա. Թադէոս եւ Բարթողոմէոս Առաքեալներու նահատակութեամբ բ. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանքներով գ. Սահակ-Մեսրոպ-Վռամշապուհի իմաստութեամբ, երազով եւ քրտինքով:, դ. Աւարայրի հերոսներու արիւնով եւ ե. Նուարսակի Դաշնագրի ստորագրութեամբ: «Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը»: Ասկէ 84 տարիներ առաջ, Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս իր իմաստութեամբ, Յիսուսի այս խօսքերը որպէս նշանաբան ունենալով մէկ նախադասութեամբ կ’աղերսէր հայ մայրերուն որ իրենց զաւակները Քրիստոսի մօտեցնեն եւ Քրիստոսի խօսքերով կը սաստէր բոլոր անոնց որոնք տարբեր director@sourphagop.org

11


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ձեւերով արգելք կը հանդիսանային որ հայ ազգին մանուկները մօտենան Քրիստոսի: www.sourphagop.org-ը 12 տարեկան Մեր այս տարուան դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին մեր կայքէջը տօնեց իր 12-ամեակը եւ շարունակեց ծաւալիլ: Ամբողջացաւ նախորդ տարի սկսած մեր կայքէջին նորոգումը նոր տառատեսակով (Sylfaen): Մանրամասնութիւնները կը գտնէք էջ 9-ի վրայ:

«Մաշտոցի Արձագանգ»ի 20-ամեակ Մեր այս դպրոցական տարուան ընթացքին հրատարակեցինք նաեւ մեր ամսաթերթը 19-րդ տարին ըլլալով եւ մեր կայքէջին ծաւալումով, ծաւալեցաւ նաեւ մեր ամսաթերթի կարդացողներուն թիւը: «Մաշտոցի Արձագանգ»-ի միջոցաւ, այս տարի եւս արեւմտահայերէնով 210 քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբող էջեր աւելցուցինք համացանցին վրայ: Աշակերտութեան թիւ Այս տարուան ընթացքին, բաղդատած նախորդ տարուան, մեր արձանագրուող աշակերտներուն թիւը թեթեւ յառաջխաղացք արձանագրեց 48-էն 51-ի բարձրանալով: Իւրաքանչիւր Կիրակի օրուան միջին ներկայութիւնը 30-էն 33-ի բարձրացաւ: Այս տարուան ընթացքին մեր երկրորդական Ա. եւ Բ. տարիներու աշխոյժ խումբը յոյս կը ներշնչէ մեզի ապագայի նկատմամբ: Մեր փափաքն է որ մեր երկրորդականի խումբը տարուէ տարի աճի եւ մեր պատանիներն ու պատանուհիները երբ հասնին երկրորդականի բարձր կարգերը, ըլլան դաստիարակներուն օգնականները օգտագործելով իրենց հմտութիւնները: Երգերու եւ Շարականներու ուսուցում Այս տարի եւս շարունակեցինք նախորդ տարի սկսած երգերու եւ շարականներու ուսուցումը, որ աւելիով հարստացուց մեր Կիրակնօրեայ Դպրոցի ծրագիրը: Կը յուսանք որ տարուէ տարի մեր աշակերտութեան սէրը՝ հանդէպ մեր շարականներուն աւելիով ծաղկի, եւ անոնք ամբողջացնեն իրենց Հայ եկեղեցւոյ գիտելիքները: Աստուծոյ կամքով՝ մեր 34րդ տարեշրջանը կը սկսինք Սեպտեմբեր 15, 2013-ին: Մինչ այդ, բարի արձակուրդ կը մաղթենք ձեզի: Տնօրէնութիւն եւ Ուսուցչական Կազմ 12

www.sourphagop.org


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

www.sourphagop.org 12 տարիներ ետք, մեր կայքէջը կը շարունակէ նորոգել իր տեսքը եւ ճոխացնել իր բովանդակութիւնը: Անցնող տարուան ընթացքին աւելցուցինք հայերէն գիրքեր, եւ այսօր մեր գրքերու բաժնին մէջ կը գտնէք: Ազգապատում (Ա. Բ. եւ Գ. հատորներ), Ժամագիրք, Սբ. Պատարագ, Կրօնական Գիտելիքներ, Պատարագամատոյց, եւ Քրիստոնեայ Հայաստան հատորները: Աւելցուցինք նաեւ երգերու եւ շարականներու բաժին մը ուր կը զետեղենք մեր Կիրակնօրեայ Դպրոցին մէջ սորված երգերը: Անշուշտ մեր կայքէջին վրա նաեւ զետեղեցինք «Մաշտոցի Արձագանգ»ի բոլոր թիւերը: Ինչպէս կը տեսնէք, մեր կայքէջին ենթաբաժանումներն են. Մեր մասին, Լրահոս, Սուրբեր, Տօներ, Գիրքեր, Ժամանակացոյց, Մաշտոցի Արձագանգ, Կապեր, Events, Survey, Blog, Armenian Font, Gallery.

director@sourphagop.org

13


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ՀԱԿԻՐՃ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 2012-2013 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՄԱՍԻՆ Հայաստանի Առաքելական Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցը կը վայելէ եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը:

33-ամեակ Կիրակնօրեայ Դպրոցին

2012-2013 տարեշրջանը 33-րդ տարեշրջանն էր: Կիրակնօրեայ Դպրոցը սկսաւ իր գործունէութիւնը Խաչվերացի Կիրակին՝ 14 Սեպտեմբեր 1980ին եւ յաջորդական 33-րդ տարեշրջանը բոլորեց այս տարի: Իւրաքանչիւր տարեշրջան կը սկսի Խաչվերացի Կիրակին եւ կը տեւէ մինչեւ Մայիսի 3-րդ Կիրակին: Դասաւանդութիւնները տեղի կ’ունենան ամէն Կիրակի օրերը 10:301:00: Այս տարի Դպրոցը ունեցաւ մանկապարտէզի 3, նախակրթարանի 6 դասարաններ ինչպէս նաեւ երկրորդականի 3 դասարաններ, որոնք գործեցին 7 խմբաւորումներու ընդմէջէն: 20-ամեակ «Մաշտոցի Արձագանգ»-ին Մեր 2012-13 տարեշրջանի ընթացքին նաեւ հրատարակեցինք, 20-րդ տարին ըլլալով, մեր պարբերաթերթ, «Մաշտոցի Արձագանգ»ը՝ ամսական դրութեամբ: «Մաշտոցի Արձագանգ»ը կը տպուի եւ PDF ձեւով կը կարդացուի աշխարհի 5 ցամաքամասերուն վրայ http://www.sourphagop.org/մաշտոցի_արձագանգ էջին վրայէն:

12-ամեակ www.sourphagop.org-ին 10 Դեկտեմբեր 2000-ին, Սուրբ Յակոբի տօնին օրը, դպրոցը ունեցաւ իր կայքէջը՝ www.sourphagop.org-ը: Մեր կայքէջը ունի հետեւեալ բաժինները. Մեր մասին, Սուրբեր, Տօներ, Գիրքեր (ուր կրնաք գտնել մեր դասագրքերը, Ազգապատումը իր 3 հատորներով, Բառարան, Եկեղեցական Բառարան, Սուրբ Պատարագը, Ժամագիրքը, Գրաբար Նոր Կտակարանը եւ Կրօնական Գիտելիքները), Ժամանակացոյց, «Մաշտոցի Արձագանգ» ի բոլոր թիւերը, Հայերէն տառատեսակ, Ճաշու Աւետարան, Տօներ, Բառարան, Եկեղեցական բառարան, Պարբերաթերթ, Կապեր, Կարծիքդ, Խաղեր, Զարգացման Մրցում, Church Timeline, Daily Bible:

14

www.sourphagop.org


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ 2012-13 տարեշրջանին արձանագրուած աշակերտութեան թիւը 51 էր, իսկ շաբաթական ներկայութիւնն էր 33՝ բաժնուած 7 խումբերու:

ԿԱԶՄ Կիրակնօրեայ Դպրոցի 2012-13 տարեշրջանին ունեցանք 7 տարբեր բաժանումներ հետեւեալ ձեւով. Խումբ Բողբոջ եւ Կոկոն Ծաղիկ եւ Նախկրթարան Ա. Նախակրթարան Բ. եւ Գ. Նախակրթարան Դ. եւ Ե. Նախակրթարան Զ. եւ Երկր. Ա. Երկրորդական Բ. Երկրորդական Ե.

Դաստիարակ Թամար Գիզիրեան Թամար Գիզիրեան Շողիկ Նաճարեան Շողիկ Նաճարեան Առէն Պապիկեան (փորձարկու ուսուցիչ, Երկր. Ե.-ի աշակերտ) Թորոս Պապիկեան Թորոս Պապիկեան

Երգերու եւ շարականներու ուսուցում Վաչէ-Սագօ Պոյաճեան՝ Նախակրթարան, Երկրորդական «Մաշտոցի Արձագանգ» Անի Պապիկեան եւ Սեդա Կիւլպէնկեան Տնօրէն եւ Կայքէջի պատասխանատու Թորոս Պապիկեան Կազմը գումարեց ժողովներ, որոնց ընթացքին արծարծուեցան ծրագրային, կարգապահական, արտադասարանային աշխատանքներ եւ այլ նիւթեր: ԴՊՐՈՑԻ ԱՌՕՐԵԱՆ 2012-13 տարեշրջանին Կիրակնօրեայ Դպրոցի առօրեան ընթացաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու դասաւանդական հիմնական կառուցուածքին համաձայն՝ լսարանային եւ դասարանային բաժանումներով, ուր դասաւանդուեցան Ս. Գրային, ծիսական, բարոյագիտական եւ գործնական ծանօթութիւններ, գիտելիքներ եւ աղօթքներ: director@sourphagop.org

15


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

Լսարանային բաժին Տէրունական աղօթքի, մաղթանքներու եւ Կիրակնօրեայ Մաղթերգէն ետք, աշակերտները բաժնուեցան 3 խումբերու: Մանկապարտէզի Ա. Բ. Գ. եւ Նախակրթարանի Ա. դասարանները Նախակրթարանի Բ. եւ Գ. դասարանները Նախակրթարանի Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններ եւ Երկրորդական: Պահը ընթացաւ հետեւեալ ձեւով. Ոսկեղէն համարներու կամ Սաղմոսներու ուսուցում Բարոյալից պատմուածքներու ներկայացում Կրօնական երգերու եւ շարականներու ուսուցում Ճաշու Աւետարանի ընթերցում եւ մեկնաբանութիւն «Մաշտոցի Արձագանգ»-ի սերտողութիւն: Դասարանային բաժին Դասաւանդուեցաւ ըստ դասագիրքերու:

ՆԿԱՐՆԵՐ՝ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ 2012-13 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԷՆ

16

www.sourphagop.org


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ ԵՒ ԱՐՏԱԴԱՍԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ 16 Սեպտեմբեր 2012 23 Սեպտեմբեր 2012

Տարեսկիզբ եւ վերամուտ: Վարժարանի աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագի խորհուրդին եւ հաղորդուեցաւ: 14 Հոկտեմբեր 2012 Թարգմանչաց տօնի յատուկ յայտագիր: 30 Դեկտեմբեր 2012 Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներու հանդիսութիւն, ուր տեղի ունեցաւ աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական ելոյթը: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ եւ նուէրներու բաշխումով: 9 Փետրուար 2013 Դպրոցի Տնօրէնութիւնը, Ուսուցչական կազմը եւ երկրորդականի աշակերտները միասնաբար ստանձնեցին Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւարի պատասխանատուութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած Մանկական Բ. Փառատօնին ընթացքին: Հոն ներկայացուեցան Կիրակնօրեայի Կայքէջը, «Մաշտոցի Արձագանգ»ը, Հայ Եկեղեցւոյ մասին ծանօթութիւններ, Հայկական Խաչի ձեռային աշխատանք, Կիրակնօրեայ Դպրոցի մանկական պահքը, ինչպէս նաեւ փափաքողներուն առիթ տրուեցաւ այցելելու Ս. Յակոբ Եկեղեցի եւ մօտէն ծանօթանալու եկեղեցւոյ սպասներուն: 10 Փետրուար 2013 Վարդանանց եւ Բուն Բարեկենդան տօներու յատուկ տօնակատարութիւն : Դպրոցը Մեծ Պահքի շրջանին ունեցաւ իր աշակերտական պահքի հետեւեալ ժամանակացոյցը. Ա. շաբաթ Chips Բ. շաբաթ Հեռատեսիլ, համակարգիչ, այլ պաստառով խաղեր Գ. շաբաթ Տուրմ Դ. շաբաթ Կազային խմիչքներ Ե. շաբաթ Շաքար Զ. շաբաթ Ծամոն Է. շաբաթ Հաւկիթ 23 Մարտ 2013 Դպրոցի ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութեան մեծ մասը մասնակցեցան մեր Եկեղեցւոյ Գործադիր Մարմնի կողմէ կազմակերպուած նախա-Ծաղկազարդեան ընտանեկան հաւաքոյթին: 1 Ապրիլ 2013 Դպրոցը փակ էր Ծաղկազարդի առիթով: 8 Ապրիլ 2013 Դպրոցը փակ էր Ս. Յարութեան տօնին առիթով: 19 Մայիս 2013 Ամավերջի Հանդէս: director@sourphagop.org

17


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

Աշակերտական Ներկայութեան Տախտակներ

2012 - 2013 տարեշրջանի իւրաքանչիւր դասարանի արձանագրութիւն եւ միջին ներկայութիւն

2012-2013 տարեշրջանի իւրաքանչիւր Կիրակի օրուայ ներկայութիւն

18

www.sourphagop.org


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

ՆԿԱՐՆԵՐ՝ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ 2012-13 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԷՆ

director@sourphagop.org

19


Մաշտոցի Արձագանգ

2013 Տարեկան Բացառիկ

Կ...Կիրակնօրեայ Դպրոց 20

www.sourphagop.org


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.