ÊÙµ³·ñ³Ï³Ý §²½¹³Ï¦Ç
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.528 - 20 ö»ïñáõ³ñ 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
Þ»ßï»ó ÎÇñû سÝáÛ»³Ý
«2015-ը տհաճ թուական մը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ համար»
Հ
այոց ցեղասպանութեան 100ամեակը կարեւոր, խորհրդանշական թուական է, սակայն աշխատանքներու իմաստով Հայաստանը եւ մասնաւորաբար Հայ դատի գրասենեակները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը 2015էն ետք: Այս առնչութեամբ Հ.յ.դ. Բիւրոյի Հայ դատի եւ Քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Արմէնփրես»ին յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, որ պէտք է ուժերը լարել եւ պատրաստուիլ 2015ին, հիմնականին մէջ ուղղուած է միջազգային հանրութեան, քանի որ անոնք այդ ուղղութեամբ լուրջ վտանգներ կը տեսնեն: «100ամեակը վերջը չէ, եւ ատիկա բոլորն ալ կը հասկընան, սակայն խորհրդանշական է եւ միջազգային հանրութեան պիտի ստիպէ սկզբունքային մօտեցում ունենալ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հարցին մէջ: Այդ պատճառով Թուրքիան մտահոգ է: Անոնք կը հասկնան, որ ամէն առումով մթնոլորտը բացասական է իրենց համար», նկատել տուաւ ան: Եթէ տարիներ առաջ Թուրքիա 2015 թուականը կ՛անուանէր «Հայկական ցունամի», ապա վերջին շրջանին թրքա-
կան իշխանութիւնները կը խուսափին արտայայտութենէն: «Անոնք մերժեցին այսպիսի լուրջ որակումներ տալը, սակայն ատիկա չխանգարեց, որ այդ «ցունամի»ն մտնէ թուրք
հասարակութեան մէջ, ուր կը խօսին Հայոց ցեղասպանութեան եւ ճանաչման մասին: Ատիկա նոյնպէս կ՛անհանգստացնէ Թուրքիան», ընդգծեց Մանոյեան: Կիրօ Մանոյեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ այսօր հայկական կողմը աւելի աշխուժ է, Հայ դատի գործունէութիւնը` նոյնպէս: Թուրքիոյ նախապատրաստուելու հիմքեր չտալու համար Մանոյեան չբացայայտեց այն պետութիւններուն անունները, որոնց հետ աշխատանքներ կը կատարուին, սակայն վստահեցուց, որ եթէ նոյնիսկ կարծր բանաձեւեր չըլլան, ընդհանուր մթնոլորտը, յայտարարութիւնները եւ կարծր ձեւակերպում-
гáõ³Û
օրէնսդիրները մերժեցին Ազրպէյճանի հովանաւորած հակահայկական բանաձեւերը
Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը յաջողեցաւ կանխել Ազրպէյճանի հերթական հակահայկական սադրանքը: Միացեալ Նահանգներու Հաուայ նահանգին մէջ, որ նախագահ օպամայի ծննդավայրն է, օրէնսդիրները մերժեցին Ազրպէյճանի հովանաւորած հակահայկական բանաձեւերը: Ըստ «Արմէնփրես»ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը յայտնեց, որ երկու բանաձեւերն ալ կողմնակալ եւ փաստերու տեսանկիւնէն թերի եղած են: «Մենք կը ցանկանք շնորհակալութիւն յայտնել հանդուրժողականութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ իրենց նուիրուածութեամբ յայտնի Ալոհա նահանգի ներկայացուցիչներուն` Պաքուի աճպարարական ջանքերը կանխելու իմաս(Þ³ñ.Á ¿ç II)
ները տհաճ պիտի ըլլան Թուրքիոյ համար: Այսօր Հայ դատի կառոյցները երկու տարբեր ուղղութիւններով կ՛աշխատին: «Ամէնէն կարեւորը համախմբուածութիւնն է: Մեր ընդհանուր մօտեցումը այն է, որ 2015 թուականը ըլլայ իրաւունքներու սահմանման եւ ճանաչման տարի: Բացի պատմական փաստի ճանաչումէն, պէտք է շեշտը դրուի նաեւ իրաւունքներու ճանաչման վրայ: Այս ուղղութեամբ աշխատանքները ընթացքի մէջ են», յայտնեց Հ.յ.դ. Բիւրոյի Հայ դատի եւ Քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն: Հայաստանի համար Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը պէտք չէ այնքան մտահոգիչ ըլլայ, որ պարտաւորւած զգայ կողմնորոշուելու ներքին այս կամ այն ուժին նկատմամբ: Վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ կատարուող իրադարձութիւնները այդ երկրին հասարակութեան կեանքըն է, ներքաղաքական խնդիրը, եւ իրենք պէտք է որոշեն իրենց իշխանութիւնները, Հայաստանըն ալ պատրաստ պէտք է ըլլայ որեւէ իշխանութեան հետ յարաբերելու: Մանոյեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները կը փաստեն, որ թրքական իշխանութիւններուն յառաջ քաշած մօտեցումները կեանքի չկոչուեցան եւ տապալեցան ոչ միայն արտաքին, այլեւ ներքին կեանքին մէջ: Ըստ Մանոյեանի, ոչ կայուն Թուրքիան Հայաստանի համար աւելի խընդրայարոյց է, քան իր ուղղութիւնը յստակ իմացող Թուրքիան: Թուրքիոյ ապակայունացումը կրնայ անկանխատեսելիութիւն բերել, ինչ որ Հայաստանի համար այնքան ալ ցանկալի չէ: Մանոյեան ընդգծեց, որ Հայաստանի համար նպաստաւոր է այն փաստը, որ այդ երկիրը շատ իմաստներով չփոխուի` չափէն սկսեալ մինչեւ համակարգ: Ան աւելցուց, որ այս պարագային Հայաստանը պէտք է անհանգստացնէ ոչ թէ Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքը, այլ 2015 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին նախապատրաստական աշխատանքները եւ այդ առնչութեամբ թրքական արձագանգները:
Հաւասարեցման վտանգաւոր խաղը
Ա
րցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ եւ վերջերս նաեւ դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններուն նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դիմաց պատասխանատուութեան առումով համահաւասարեցման միջազգային խաղը նոր երեւոյթ չէ: Քաղաքականօրէն նաեւ ակնկալելը, որ արդար գնահատականներ տրուին եւ միջնորդական խաղաղարար առաքելութիւն ստանձնած տարբեր կառոյցները ճիշդ եզրակացութիւններ յայտարարեն, կը թուի, որ իրատեսական չէ: Ի վերջոյ այս կառոյցները քաղաքական էութիւն ունին , ոչ իրաւական եւ բնականաբար դատաստանական վճիռներ պիտի չարձակեն մատնացոյց ընելով հրադադար խախտող կողմը: Բայց այս կառոյցները կ՛իրականացնեն մշտադիտարկումներ, աշխատանքային եւ բանակցային այցեր: Կառոյցները օժտուած են անշուշտ ֆինանսական լայն կարելիութիւններով, փորձագէտներով, վերլուծաբաններով, զինուորական մասնագէտներով եւ առհասարակ բանակցային իւրաքանչիւր հանգրուանին համար թղթածրար պատրաստող արհեստավարժ մարդուժով: ԵԱՀԿի առաքելութիւնը ուրեմն միայն բանակցային գործընթացի ապահովումը չէ կամ միջնախագահական ու միջնախարարական ձեւաչափերով հանդիպումներու կայացումը: Գործընթացը իր ամբողջական հասկացողութեան մէջ նաեւ զինուորական է եւ յատկապէս` հրադադարի պահպանման բազմակողմանի պարտաւորութիւն: Հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը ի հարկէ տարբեր է խաղաղութեան համաձայնագիրէն: Հրադադարը ինքնին կը յուշէ պատերազմական իրավիճակի առկախում կամ լաւագոյն պարագային դէպի համաձայնագիրի կնքումի փուլ: Եւ եթէ մէկ կողմէ զինուորական սահմանափակ գործողութիւններու երեւոյթը կրնայ օրինաչափութեամբ մեկնաբանուիլ` տրուած ըլլալով, որ խաղաղութեան համաձայնագիր չէ կնքուած, միւս կողմէ սակայն նման քայլերը կը մեկնաբանուին իբրեւ որոշակի պայմանաւորուածութեան խախտում: Այս խախտումներու յաճախակիացումը կրնայ կապուած ըլլալ շատ մը պարագաներու ներքին սպառման շարժառիթներու: Այլ դէպքերու պարագային` քաղաքական ուղերձներ փոխանցելու: Ներքին սպառումի կարգով պարզ է, որ կորսնցուցած կողմը Պաքուն է, եւ հետեւաբար իրեն կը վերագրուի յարձակողապաշտութեամբ բնութագրուող նման որեւէ քայլ: Արտաքին ճակատի վրայ դարձեալ Պաքուն է, որ չի թաքցներ իր անհանգստութիւնը, յաճախ կը բարձրաձայնէ ուժի կիրարկման անհրաժեշտութեան մասին եւ մանաւանդ կը կրկնէ իր ակնկալութիւնը ԵԱՀԿէն յատկապէս ՄԱԿ տեղափոխելու միջնորդական պարտականութիւնը: Քաղաքական այս հիմնաւորումներուն կարիքը չունին ԵԱՀԿի փորձագէտներն ու մշտադիտարկողները` համոզուելու համար, թէ ո՛վ է նախաձեռնողը հետախուզական (տիվերսիոն) գործողութիւններու, ո՛վ է հրադադար խախտողը, ո՛վ է դիպուկահարներ գործի լծողը, ո՛վ է կացինահարողը, ո՛վ է մարդասպան հերոսացնողը եւ տակաւին նմանատիպ գործողութիւններու հեղինակը: Եւ եթէ այսքան պարզ է նման քայլերու ետին կանգնող կողմը, ինչո՞ւ հայկական կողմը ազրպէյճանականին հետ կը հրաւիրուի զգաստութեան, պայմանաւորուածութիւնը յարգելու եւ խաղաղութեան պահպանման նախանձախնդիր մնալու: Այնքան որքան Պաքուն: Անկողմնակալ միջնորդի հռչակը պահպանելու համար կողմնակալ համահաւասարեցում կատարելը ինքնին կողմնակալութիւն կը նկատուի: Իրերը իրենց անուններով չկոչելու միջնորդական այս պահուածքն էր, որ Պաքուին արտօնեց յարձակման միջավայրը Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծէն տեղափոխելու նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններ: Այս եւս բաւարարար չէր, որ խախտէր հաւասարեցման խաղի կանոնները: Ազրպէյճանական այս սադրանքները պատերազմական գործողութիւններու վերսկսում չեն. Քնացած պահուն գործածւած կացինը, թաքուն դիպուկահարը կամ գիշերուան մէջ փորձուած տիվերսիոնը ճակատային պատերազմէ խուսափումի փորձեր են: Ներքին սպառման եւ արտաքին ուղերձներու յղման սատարող միջոցներ պարզապէս: Միջնորդը պէտք է գիտակցի, որ սադրանքին հեղինակը մատնացոյց չընելն ու նման երեւոյթներու հեղինակը առանձնապէս չդատապարտելը կը սպառնայ նոյնինքն այն առաքելութեան, որ ստանձնած է ինք: Կոչերն ու պահանջները պէտք է ուղղել Պաքուին: Միայն:
ARMENIA
II
ºõñáå³
Հայ դատի յանձնախումբը աշխուժօրէն կ՛աշխատի Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ` Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի որոշումին բողոքարկումին համար
Ե
ւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի առաջնահերթ խնդիրը Փերինչեքի գործով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշման բողոքարկման հարցն է: Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ կապի պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ եւրոպական շարք մը երկիրներու` Պելճիքայի, Ֆրանսայի, յունաստանի, Կիպրոսի եւ Ռումանիոյ մէջ արդէն բանակցութիւններ կ՛ընթանան Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ` մինչեւ 17 Մարտ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշման վերատեսութեան դիմում ներկայացնելու ուղղութեամբ: «դեկտեմբերէն մինչեւ մարտ այս հարցով կը զբաղինք` համոզւելու համար, որ Զուիցերիան ճիշդ որոշում կու տայ: Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին մենք մանրամասն կը բացատրենք պատճառները, թէ ինչո՛ւ Զուիցերիա պէտք է վերատեսութեան դիմում գրէ: Մենք վստահ ենք, որ դեսպանները արդէն զեկուցած են Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, եւ մեր տուեալներուն համաձայն, Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը վերատեսութեան դիմումի մասին իր կարծիքը պէտք է ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարարութեան», յայտնեց Պետօ Տեմիրճեան: Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը բաւարարած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար զուիցերիական դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուած քաղաքական գործիչ, Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչեքի հայցը: 2008 թուականին զուիցերիական դատարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար Փերինչեքը դատապարտած էր 3 ամսուան բանտարկութեան, այնուհետեւ բանտարկութեան որոշումը դատարանը փոխարինած էր վարչական տուգանքով: Եւրոպական դատարանը Փերինչեքի հայցին բաւարարումը հիմնաւորած էր անով, որ զուիցերիական դատարանը խախտած է Եւրոպական ուխտի խօսքի ազատութեան վերաբերեալ 10րդ եւ 7րդ յօդուածները:
ÎÇñ³ÏÇ, 9 سñï 2014ÇÝ, Û³õ³ñï êáõñµ ä³ï³ñ³·Ç, Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿ç, Ù»ñ ëÇñ»ÉÇ ùñáçª
àÕµ. ä¾²ÂðÆê ì²ð¸º²Ü-Ç
Ù³Ñáõ³Ý ù³é³ëáõÝùÇÝ ³éÇÃáí£ Ü»ñϳÛë ÏÁ ͳÝáõó³Ý»Ýù Ç ·ÇïáõÃÇõÝ Ù»ñ ³½·³Ï³ÝÝ»ñáõÝ »õ µ³ñ»Ï³ÙÝ»ñáõÝ£ øáÛñ»ñÁª ²ñáõ뻳Ï, Þ³ù¿ »õ ÈáõëÇ ºÕµ³ÛñÝ»ñÁª ²ñÙ¿Ý »õ ²ñÃáõñû øñáçáñ¹ÇÝ»ñ »õ ½³õ³ÏáõÝù ÀÝï³Ý»Ï³Ý µáÉáñ å³ñ³·³Ý»ñÁ
Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar
ø³Õ³ù³Ï³Ý
Թուրքիա պիտի ականազերծէ Հայաստանի եւ Իրանի հետ իր սահմանները
Թ
րքական «Աքշամ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Եւրոպական Միութեան նիւթական աջակցութեամբ Թուրքիան երկու հարեւաններու՝ Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին կը բանայ նոր սահմանային անցակէտեր: Նոյն պահուն կը շարունակւին նաեւ սահմանամերձ տարածքները ականազերծելու աշխատանքները: Tert.am-ը կը հաղորդէ թէ նոր սահմանային անցակէտերու կառուցման համար կը նախատեսուի ծախսել 52 միլիոն եւրօ: Այդ նախագիծին զուգահեռ՝ Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին կը տարուին արդիականացման աշխատանքներ: Թրքական թերթերը կը հաղորդեն, թէ Թուրքիա ականազերծումի աշխատանքներ պիտի իրականացնէ Իրանի ու Հայաստանի հետ իր սահմաններուն վրայ եւ հսկողութիւն իրականացնելու նպատակով՝ նոր սարքաւորումներ պիտի զետեղէ սահմանագիծի երկայնքին։ Այս ծրագիրը կ՛իրականանայ Եւրոմիութեան աջակցութեամբ։ Կը նշուի, որ առաջին փու-
օրէնսդիրները...
(Þ³ñ. ¿ç III-Ç)
Ð᷻ѳݷÇëï
4812-4993 www.hotelwilton.com.ar
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 20 ö»ïñáõ³ñ 2014
տութեան համար: Այսօրուան քուէարկութիւնը հզօր ազդանշան էր, որ Ազրպէյճանի փըտած եւ ոչ ժողովրդավար նախագահ Իլհամ Ալիեւ, հակառակ խաւիարային դիւանագիտութեան վրայ վատնած միլիոններուն, չի կրնար ձայներ հաւաքել այնտեղ` Միացեալ Նահանգներու մէջ», նշեց Միացեալ Նահանգներու Արեւմըտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն
լին պիտի ականազերծուի մօտաւորապէս 11.665.000 քառակուսի մեթր տարածք։ յիշեալ ծրագիրին ծախսը 52.5 միլիոն եւրօ է, որուն 75 տոկոսը պիտի տրամադրէ Եւրոմիութիւնը, իսկ 25 տոկոսը՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ յիշեցնենք, որ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ 2009ին ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք անոնք չվաւերացուեցան: Պաքուի ճնշման տակ Անգարան այդ Արձանագրութիւնները չվաւերացուց, եւ այդ փաստաթուղթին հետ որեւէ կապ չունեցող Ղարաբաղի հարցը փոխկապակցեց, իսկ փաստաթուղթին մէջ տեղ գըտած դրոյթները կեանքի չկոչւեցան: Սակայն վերջերս երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ դարձեալ որոշ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, յայտնած են թրքական լրատւամիջոցները: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով մեկնեցաւ Երեւան՝ մասնակցելու Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպու-
թեան նիստին. ատիկա այդ փոփոխութիւններէն օրինակ մըն էր: Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կարճ ժամանակ առաջ Գերմանիա կատարած այցին ընթացքին հանդիպած էր վարչապետ Անկելա Մերգելի հետ, որ անգամ մը եւս կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ՝ բանալու Հայաստանի հետ սահմանը: Նմանատիպ յայտարարութիւններ ու կոչեր հնչեցուցած են նաեւ ԱՄՆն, Ֆրանսան եւ շարք մը արեւմտեան երկիրներ: Երկու տարուան ընդմիջումէ ետք Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի նախագահներու հանդիպումէն ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ուղղուած քայլերէն Թուրքիան գոհ է, եւ ատիկա պատահականութիւն չէ, գրած է աղբիւրը: Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին տեղի ունեցող արդիականացման աշխատանքներն ու սահմանամերձ շրջաններու ականազերծումը ցոյց կու տան, որ Անգարան կը պատրաստուի դրական սենարին եւ Հայաստանի դէմ կիրառուած տնտեսական արգելքի վերացման:
Էլեն Ասատրեան: Հաուայի վարչական միաւորի Ներկայացուցիչներու Տան վեթերաններու, ռազմական, միջազգային հարցերու եւ մշակոյթի ու արուեստի կոմիտէն երէկուան քննարկումներուն ժամանակ մերժեց երկու հակահայկական բանաձեւեր, զորըս ներկայացուցած էր կոմիտէի նախագահ Մարք Թաքէյ: Կը նշուի, որ նահանգային ներկայացուցիչ Ռիթա Քապանիլան տեղական «Սիվիլ Պիթ» լրատուամիջոցին յայտնած էր, որ «բանաձեւերը առաջ կը մըղւին Միացեալ Նահանգներու
մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովի կողմէ»: «Սիվիլ Պիթ» հետագային յայտնած էր, որ նախորդ տարուան մայիսին քոնկրեսական Քապանիլա եւ նախագահ Թաքէյ այցելած են Ազրպէյճան, որուն կառավարութիւնը մօտ 8.000 տոլար ծախսած էր օրէնսդիրներու ճամբորդութեան համար: Քննարկումներուն ժամանակ քննարկումներ ունեցան տեղւոյն հայկական համայնքի անդամներ Արփինէ Ֆիլեան, Արթուր եւ Անի Մարտիրոսեաններ, որոնց ձայնն ալ ազդած էր որոշման վրայ: Բացի անկէ, քննարկումներուն նախորդող օրերուն կոմիտէին ուղարկուած են բանաձեւերուն ընդդիմացող հարիւրաւոր նամակներ եւ վկայութիւններ: Նշենք, որ 7 Ապրիլ 2009ին օրինական ուժի մէջ մտած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որով Հաուայ դարձած է Միացեալ Նահանգներու 42րդ նահանգը, որ պաշտօնապէս ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հաուայի նահանգին մէջ ծնած ու մեծցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ օպամա, եւ նոյնինքըն այդ փաստաթուղթը պաշտօնապէս ընդունելու օրը օպամա պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա կը գտնուէր:
ARMENIA
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 20 ö»ïñáõ³ñ 2014
III
Øß³ÏáÛÃ
Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան, 1885-1915)
Փ
ետրուար 15ին կը տօնենք ծննդեան տարեդարձը հայ ժողովուրդի անմահ տաղանդներէն Ռուբէն Սեւակի։ Միայն 30 տարի ապրեցաւ Ռուբէն Սեւակ, չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը, որովհետեւ թուրք ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց անոր կեանքին թելը։ Կանխահաս տաղանդ էր Ռուբէն Սեւակ, որովհետեւ քըսան տարեկանին արդէն, սիրային քերթուածներով հայ գրականութեան անդաստան մուտք գործած պահէն սկսեալ, ան նոր հորիզոններ բացաւ հայ մտքին ու հոգիին առջեւ։ Էապէս բանաստեղծական զգայնութեամբ երկնեց իր ստեղծագործութիւնները՝ սիրային քերթուածներ ըլլան անոնք թէ մարդկային անարդարութեան դէմ պոռթկացող արձակ էջեր, բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած յուշ-պատումներ ըլլան անոնք թէ հրապարակագրական ջղուտ ու գաղափարապաշտ ելոյթներ։ Բազմաշնորհ տաղանդ մը եղաւ Ռ. Սեւակ, որ ՄԵԾ ՊԱՏԳԱՄի տէր էր եւ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր ոչ միայն հայ գրականութեան եւ հայ մտքի անդաստանին, այլեւ հանուր մարդկութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան։ Միայն 23 տարեկան էր, երբ ի տես թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող հետեւողական կոտորածներուն՝ ողջ մարդկութեան ուղղեց հետեւեալ պոռթկումը օգոստոս 1908ին.«Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները, ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճըշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, մեր՝ ստրկացած թրքահայերուս կեանքը... Տառապիլ ու ստիպւած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու... անպատուուիլ, բռնաբարւիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպւած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու... ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն-արցունք պիտի պոռթկար աչերէդ... մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բըռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ... մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ եւ ապրիլ ձեւացնել... ահա՛ դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ, ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն
Սիրոյ եւ ցասումի մեծատաղանդ երգիչը ու բնածինօրէն մեր ամենաանկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը»։ Ա՛յս խորութեամբ Ռուբէն Սեւակ ընկալեց Հայոց Արհաւիրքը եւ անոր ընդմէջէն երգեց ողջ մարդկութեան ցաւն ու տառապանքը, ընդվզումն ու ցասումը։ Բանաստեղծ, արձակագիր ու մտաւորական աշխոյժ գործիչ էր Չիլինկիրեան յովհաննէսի որդի Ռուբէնը, որ 1905ին, քսան տարեկանին, իր առաջին քերթուածները լոյս ընծայեց Ռուբէն Սեւակ ստորագրութեամբ։ Ծնած էր Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի գիւղը։ Ծնընդավայրի Ասքանազեան վարժարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի յաճախած էր Պարտիզակի Ամերիկեան դպրոցը, իսկ 1901ին ընդունուած էր Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ ըլլալով 1905ին՝ ղրկուեցաւ Լօզան, Զուիցերիա, տեղւոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին հետեւելու համար։ Մինչեւ 1911 երկարած Լօզանի ուսանողական տարիները հանդիսացան Ռուբէն Սեւակի ինչպէս բժիշկի փայլուն մասնագիտացման, նոյնպէս եւ գրական-ստեղծագործական ինքնահաստատման բեղուն գործունէութեան շրջան։ դասերու կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի հայ ուսանողներու ազգային-հասարակական կեանքին՝ յատկապէս Լօզանի Արմենիա ուսանողական միութեան ճամբով։ Միաժամանակ զարկ տուաւ գրական իր ստեղծագործութեանց՝ սիրոյ, ընկերային ցաւերու եւ հայ ժողովուրդի ազգային տառապանքին նուիրուած իր բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով պոլսահայ մամուլի էջերուն։ յատկապէս 1909ի Ատանայի կոտորածը ծանրագոյն խոց պատճառեց Ռուբէն Սեւակ բանաստեղծին, որ ազգային ընդվզումի, բողոքի ու պայքարի խորախորհուրդ յուզաշխարհ մը հայ գրականութեան յանձնեց 1910ին հրատարակուած իր առաջին գրքոյկով՝ «Կարմիր գիրքը» խորագրին տակ։ «Ջարդի Խենթը», «Թրքուհին» եւ «Մարդերգութիւն» խորագրուած երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէ բաղկացած իր այս գործով՝ Ռուբէն Սեւակ թարմ շունչ բերաւ Սիամանթոյի եւ դանիէլ Վարուժանի բացած ու հարթած ազգայնաշունչ բանաստեղծութեան, ինքնատիպ ոճով խոհական ներհայեցութեան ուղղութիւնը բանալով։ Ռուբէն Սեւակ 1911ին պատւոյ յիշատակութեամբ վկայուե-
ցաւ բժիշկ եւ աշխատանքի անցաւ Լօզանի հիւանդանոցներուն մէջ։ Բժշկական իր ծառայութեան շրջանին ծանօթացաւ ու կապուեցաւ գերմանուհի Եանի Ապէլի հետ. ամուսնացան եւ ունեցան երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։ Սեւակ փաստօրէն հայացուց գերմանուհին, որ ոչ միայն անվարան հետեւեցաւ իր ամուսինի ընտրած կեանքի ուղիին (հակառակ գերմանացի իր ծնողքին դրած արգելքին, Եանի Ապէլ 1914ին Սեւակի հետ հաստատուեցաւ Պոլիս), այլեւ՝ հայօրէն մեծցուց Սեւակի զաւակները բանաստեղծին նահատակութենէն ետք։ 1911էն սկսեալ, բանաստեղծութեանց կողքին, Ռուբէն Սեւակ ձեռնարկեց արձակի եւ, «Բժիշկի գրքէն փրցուած էջեր» ընդհանուր վերտառութեան տակ, Հ.յ.դ. Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի էջերուն լոյս ընծայեց իրական կեանքէ վերցուած պատմուածքներ՝ իբրեւ արձակագրի իր տաղանդը հաստատելով։ Բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած պատկերներով՝ Ռ. Սեւակ գեղարուեստական բարձրարժէք մշակումի արժանացուց ե՛ւ անբուժելի հիւանդութեանց մատնուած մարդոց մահուան դէմ մղած բուռն պայքարն ու կեանքի անհուն սէրը, ե՛ւ պանդխտութեան մէջ հիւանդացած ու մահացող հայ մարդոց ազգային, ընկերային եւ մարդկային ողբերգութիւնը, ե՛ւ սիրոյ անմար կրակով տոչորւած պարզ մարդոց ալեկոծ յուզաշխարհը։ Իբրեւ այդպիսին՝ այդ պատմուածքները Ռուբէն Սեւակ արձակագրին ապահովեցին նոյնքան լիարժէք պատուանդան՝ բանաստեղծի բարձունքին կողքին։ Պոլիս հազիւ հաստատուած՝ Ռուբէն Սեւակ դէմ յանդիման
գտնուեցաւ իթթիհատական կառավարութեան ձեռնարկած հայ քաղաքացիներու զօրակոչին։ Զինուո րագրուեցաւ օսմանեան բանակին իբրեւ բժիշկի եւ ծառայութեան կոչուեցաւ զինուորական հիւանդանոցներու մէջ։ Իր այդ հանգամանքով թէեւ փրկուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին Պոլսոյ հայ մըտաւորականութեան բաժին հանուած հաւաքական ձերբակալութենէն եւ տարագրութենէն, բայց յունիսին իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու տարագրուեցաւ Չանղըր, ուր նահատակութեան մէջ «ընկերակից» դարձաւ հանճարեղ դանիէլ Վարուժանին։ Հայ գրականութեան մեծանուն երկու դէմքերը նահատակուեցան 26 օգոստոսին։ Պատմական արխիւներուն մէջ կայ վկայութիւնը թուրք սայլապանի մը, որ կը նկարպագրէ, թէ ինչպիսի՛ վայրագ դաժանութեամբ թուրք ոստիկանները ծառի մը կապած եւ ուղղակի մորթած են միայն հայ գիրին ու դպրութեան ծառայելու «յանցանքը» գործած դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։ Այդպէ՛ս ցեղասպան թուրքը խեղդեց տաղանդը Ռուբէն Սեւակի մեծատաղանդ բանաստեղծին ու արձակագիրին, որ նոր թեւակոխած էր իր երեսուն տարիքը եւ այնքա՜ն բան ունէր տալու թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ՛ ողջ մարդկութեան։ Հայկեան Հանճարի կանխահասօրէն ճառագայթած եւ վաղաժամօրէն արմատախիլ պոկւած երգիչն է Ռուբէն Սեւակ, որուն ծննդեան տարեդարձին առիթով ընթերցողին կը յուշենք անոր անմահ էջերէն «Սիրոյ ու մահուան երգը».Իմ կեանքս թող աղաչաւոր երգ մ՚ըլլայ, Եղերական ու միամիտ, սե՛ւ ողբերգ, Իմ սիրտըս թող անհունին մէջ վէ՛րք մ՚ըլլայ, Հըսկայական ու տխրօրէն քաղցըր վէ՜րք,
Իմ կեանքս թող աղաչաւոր երգ մ՚ըլլայ… Ես կը սիրեմ իմ տխրութիւնըս դիւթական, Իմ տըրտմութիւնըս Աստուածներո՜ւ ցաւին պէս, Քո՜յր, սըրտիս մէջ ի՜նչ խաւարներ, վիհեր կան, Զոր նայուածքովդ կ՚ոսկեզօծես ու կ՚օրհնես, Ես կը սիրեմ իմ տրտմութիւնըս դիւթական… Եկո՜ւր ինծի, լուսնակին պէս գեղեցիկ. Եկո՜ւր ինծի, լո՜յս ու ցընծում հեւալով, Քու արծաթի շողերուդ մէջ սըլացիկ Լուսաւորէ՛ աւերակներս լալով. Ես Մահն եմ. ե՛կ ինձ Կեանքին պէս գեղեցիկ… Իմ կեանքս թող առուին երգին պէս ըլլայ. Ու երգս անուանդ կըրկնումն ըլլայ թող յաւե՜րժ, Իմ կեանքս թող մութ ջըրվէժին պէս ըլլայ, Ու դէպի քեզ անկում մ՚ըլլայ գահավ՜ժ. Իմ կեանքս թող առուի երգին պէս ըլլայ… Ես կը սիրեմ երկու աչերդ վիհի՜ պէս, Ուր խաւարներ կը փոթորկին մոլեգի՜ն, Երկու աչերդ՝ Աստուածներու սկիհի՜ն պէս, Տո՜ւր ինձ անոնց մէջ սըրբացնել իմ հոգին. Ես կը սիրեմ երկու աչերդ վիհի՜ պէս… Եկո՜ւր ինծի, քեզ կ՚ընձայ շունչըս անզօր. Եկո՜ւր, ես մո՜ւթ բաներ պիտի քեզ ըսեմ, Սիրոյ պէս քաղցր ու Մահուան պէս հըզօր. Գերեզմանիս լացող սիւքին պէս նըսեմ Եկո՜ւր ինծի, քեզ կ՚ընձայ շունչըս անզօր… Իմ կեանքս թող կորած նաւուն պէս ըլլայ, Շունչդ ուռեցնէ ծեր առագաստը անա՜հ. Մի՛, մի՛ լսեր յոգնած հոգիս որ կուլայ, Տա՛ր զիս Սիրոյ կղզիներէն դէպի Մա՜հ, Իմ կեանքս թող կորած նաւուն պէս ըլլայ…
ARMENIA
IV
êáõñdz
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 20 ö»ïñáõ³ñ 2014
Âáõñùdz
Շքանշան՝ հալէպահայութեան կուրծքին
Ա
նոնք, որոնք մամուլի կամ դիմատետրի (Facebook) մէջ կարդացին, թէ անցնող ամիսներուն ինչ հրապարակային ձեռնարկներ կազմակերպուած են Հալէպի մէջ, հալէպահայ միութիւններու կողմէ, վստահ եմ, որ զարմացան եւ իրաւունք ունէին զարմանալու, որ Հալէպի շուրջ եւ մէջ ծաւալած ու շարունակուող պատերազմի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, երբ մարդիկ սնունդի, ելեկտրական հոսանքի, ջուրի կամ վառելանիւթի տարրական պէտքերը հոգալու ահաւոր դժուարութիւններուն մէջ են, զանոնք անտեսելով՝ մշակութային բարձրորակ ձեռնարկներով սրահներ կը լեցնեն: Սակայն տարօրինակ բան չկայ այս երեւոյթին մէջ, մասնաւորաբար երբ նկատի ունենանք, որ մարդ արարածը ոչ թէ հերոսութիւն գործելու նպատակով, այլ պարզապէս յուսահատութեան գիրկը իյնալով՝ չլճանալու, չանդամալուծուելու ու չքայքայուելու համար, իր հոգեկանը ամուր պահելով, վերապրումի սիրոյն, ի պահանջեալ հարկին կրնայ սխրանքներ գործել՝ ի գին մեծ զոհողութիւններու: Ձեռնածալ նստիլը, ծունկ ծեծելն ու լալը ոչ միայն օգուտ չեն բերեր, այլեւ կրնան տասնամեակներէ ի վեր իրագործուածըն ալ կորստեան մատնել՝ անձնատուր ըլլալով մաշեցումի խօլ քամիներուն: Ամբողջ տարի մը գրեթէ ամլութեան եզրին կանգնած մնացին մեր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները մշակութային գործունէութեան առումով եւ պատերազմի առաջին խորշակներէն չայրելու համար, միջոցներ որոնելու վազքին մէջ անցուցին իրենց օրերը, սակայն երբ զգացուեցաւ գաղութի սահանքն ի վար քշուելու սպառնալիքի ահագնութիւնը, ցնցումով մը թօթափեցին կուտակուիլ սկսած փոշին, թմրութեան շապիկը նետեցին իրենց վրայէն ու գործի լծուեցան՝ ընթացքի մէջ եղող բարեսիրական պաշարի ու նպաստաբաշխումի կողքին վերակենդանացնելու համար մշակութային ասպարէզը: Կոտորակուած գաղութը վերապրումի պէտք ունէր, ժողովուրդին յոյս ու հաւատք ներշնչելու էին մեր միութիւնները. պէտք էր պատանիներն ու երիտասարդութիւնը մշակութային զինակոչի ենթարկել: Ու այսպէս, սկիզբը տատամսոտ քայլերով, ապա՝ աւելի հաստատ ու ինքնավստահ, սկսան իրարու յաջորդել մէկը միւսը գերազանցող հրապարակային ձեռնարկները: Ամայացած մեր սրահներն ու բեմերը կեանքի վերադարձան: Բազմահարիւր աթոռները, փոշիի փոխարէն, գեղարուեստի ծարաւ հանդիսականներով խճողուեցան: Երգով, պարով, ասմունքով, նուագով ու թատերական պատկերներով ճոխացած արուեստի երեկոներ, յոբելենական հանդիսութիւններ՝ նուիրուած քսան կախաղաններուն, ապա Ա. Ծառուկեանի 100ամեակին: Սայաթ Նովայի երգերու փառատօն, Հյդի հիմնադրութեան 123ամեակի նշում, Հալէպին նուիրուած գրական կտորներու աշակերտական ասմունքի երեկոյ, Հայաստանի վերանկախացման տարեդարձի նշում, պատանեկան երդման հանդիսութիւն, «Կարմիր ժամուց» թատերախաղի ներկայացում, հայկական երգերու երգահանդէս… ու տակաւին՝ շարք մը ներակումբային ձեռնարկներ: Անհաւատալի՞. ո՛չ, ասիկա իրական պատկերն է (թերեւս ոչ ամբողջական) Սեպտեմբերէն դեկտեմբեր՝ 4 ամիսներու ընթացքին իրագործուածը վիրաւոր Հալէպի մէջ: Հարկ չկայ կազմակերպիչ միութիւններուն անունները յիշելու, քանի այս գրութեան նպատակը կազմակերպող միութիւններուն գլխուն դափնեպսակ դնել չէ, այլ՝ հալէպահայութեան գլխուն, եւ այն ալ՝ լուսապսա՛կ… Այն միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք ունին նիւթաբարոյական կարողութիւն եւ հարուստ են մարդուժով, անոնք եղան պատնէշի վրայ, իսկ մնացեալները, եթէ ոչ կազմակերպող, բայց հանդիսատես ըլլալով՝ իրենք ալ սատարած եղան այս մշակութային եռուզեռին: Պատի՜ւ հալէպահայութեան: Հալէպ՝ մայր գաղութի կուրծքին շքանշան մըն ալ պէտք չէ՞: յ. Մ. «ԱԶդԱԿ»
Կիւլէ՞նն ալ հայկական ծագում ունի г۳ëï³ÝÇ Ù³ÙáõÉÁ ³Ûë ûñ»ñáõÝ, ѳÛÏ³Ï³Ý ½³Ý³½³Ý ÝÇõûñáõ ϳñ·ÇÝ, Ù³ëݳõáñ áõß³¹ñáõÃÇõÝ ë»õ»é³Í ¿ ³ÛÅÙ ³Ù»ñÇϳµÝ³Ï ü¿ÃÑáõÉÉ³Ñ ÎÇõÉ¿Ý Ðá׳ÛÇ ³ÝáõÝáí ëï»ÕÍáõ³Í ³ÝݳËÁÝóó ﳷݳåÇÝ íñ³Û£ Èñ³·ñáÕ ²ñÃÇõñ Ú³Ïáµ»³Ý ³Ûë Ù³ëÇÝ ÜÇáõ½-²Ù Éñ³ïáõ ·áñͳϳÉáõû³Ý ϳÛù¿çÇÝ íñ³Û ëïáñ³·ñ³Í ¿ Ûû¹áõ³Í ÙÁ áõñ ³ñÓ³·³Ý· ÏÁ ѳݹÇë³Ý³Û ϳñ· ÙÁ ßßáõÏÝ»ñáõ Áëï áñáÝó ÎÇõÉ¿Ý Ð³ÛÏ³Ï³Ý Í³·áõÙ áõÝÇ£ ²Ñ³ Ú³Ïáµ»³ÝÇ Ûû¹áõ³ÍÁª ²ñ»õÙï³Ñ³Û»ñ¿ÝÇ í»ñ³Íáõ³Í:
Թ
ուրքիոյ մէջ կան թէմաներ, որոնց մասին անգիր օրէնքներ գոյութիւն ունին եւ որոնց մասին անկարելի է խօսիլ։ Այդ թէմաներէն մէկը հայերու մեծ ծառայութիւնըն ու դերակատարութիւնն է՝ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ։ Արգիլեալ թէմաներու շարքէն այս անգամ կը ներկայացնենք պնդումներ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի հայկական ծագում ունենալու մասին։ Առաջին անգամ ըլլալով Կիւլէնի հայկական ծագում ունենալու մասին հրապարակաւ ակնարկներ կատարուեցան տարիներ առաջ, Թուրքիոյ Պատմութեան Կաճառի այդ օրերու նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլուի կողմէ։ յետագային այս թէման աւելի զարգացուց լրագրող Մուրատ Ալփէրէն, որ պնդեց թէ Կիւլէն ծագումով հայ է ու իր պապերը 20րդ դարասկզբին Էրզրումի մէջ կոտորած են թուրքերը։ «Սթար» օրաթերթը տակաւին 14 յունիս 1999 թուակիր իր թիւին մէջ տպած էր Անգարայի ոստիկանութեան պետ Ճէվտէթ Սարալի գլխաւորութեամբ Կիւլէնի վերաբերեալ տեղեկագիր մը, ուր կասկածներ կային Կիւլէնի էթնիք ծագումի մասին։ Թրքական «Թիւրքիշ-նիուզ» կայքէջն ալ 5 յուլիս 2013ին զետեղած է Կիւլէնի մասին հրապարակում մը, ուր կը նշուի թէ Կիւլէնի հայ մեծհայրը (1915ականներուն) աշխատած էր Իպրահիմ պէյի մօտ։ Իրեն հետ միասին Իպրահիմ պէյի մօտ կ՚աշխատէին նաեւ այլ հայեր, որոնք միասնաբար ըմբոստացած էին թուրք պէյին դէմ։ Իպրահիմ պէյ սպաննած էր Կիւլէնի մեծհայրն ու Կիւլէն ընտանիքի միւս անդամները, յետոյ անձնասպան եղած էր։ Ողջ մընացած էր միայն Կիւլէնի հայրը, որ թաքցնելով իր ինքնութիւնը, 18 կամ 19 տարեկանին գացած է Իսպիրի (Սպեր) շրջան եւ ամուսնացած է մահմետականի անուն առնելով։ Ատկէ ետք ան ամէն տեղ կը հայհոյէր հայերու հասցէին եւ ինքզինք կը կոչէր
ուղղադաւան մահմետական։ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի հօր հայկական ծագումը նաեւ մեկնաբանութեան նիւթ կը դառնայ անոր հետեւեալ արտայայտութեամբ։ Կիւլէնի հայրը ըսեր է. «Պիտի հասցնեմ այնպիսի զաւակ մը, որ իրե՛նց կրօնով պիտի հարուածէ զիրենք»։ Այս խօսքերը ըսել կ՚ուզեն որ Կիւլէն մահմետականութեա՛ն միջոցաւ է որ կը հարուածէ Թուրքերը։ Կիւլէնի հայկական ծագումի մասին կայ այլ պնդում մը եւս որ ծնունդ կ՚առնէ անոր պապերուն ծննդավայրէն։ յայտնի է որ Կիւլէնի մեծ հայրը Էրզրում եկած է Խլաթ գիւղէն, որ կը գտնուէր Վանայ լճի հարեւանութեամբ եւ ուր մեծաթիւ հայ բնակչութիւն մը կ՚ապրէր։ Կը նշուի որ Կիւլէնի մեծ հայրը ընտանեօք Խլաթէն հեռացած է ու հաստատւած է Էրզրումի Պասէն շրջանի մէջ, «Նամուս»ի հետ կապուած հարցի մը պատճառով։ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի մեծ հայրերուն մասին հետաքըրքրական պնդումներ տեղ գըտած են «Քափսամհապէր» կայքէջի վրայ, ուր կը կարդանք թէ Կիւլէնի հայ մեծհայրերը մահմետականներու, յատկապէս քիւրտերու կոտորածներու մէջ ներգրաւուած ըլլալու պատճառով, ատեն մը ստիպողաբար հեռացած ու ապաստանած են Երեւանի մէջ, որ այդ թուականներուն կը գտուէր իրանական տիրապետութեան ներքեւ։ Անոնք սակայն չեն կրցած ապրուստ ապահովել ու կրկին վերադարձած են Թուրքիա, բայց քանի որ իրենց հայրենի Խլաթ-Պիթլիսի մէջ կը մեղադրուէին մահմետականները կոտորած ըլլալու յանցանքով, մեկնած են Էրզրում։ Կիւլէնի հայկական ծագումի առընչութեամբ կը քննարկուի նաեւ իր հոգեզաւակ Էյուպ Ճանի ու անոր կողակցի՝ գտագիտուհի Էլիֆ Շաֆաքի փաստը։ Էյուպ Ճան կրթութիւն ստացած է Ամերիկայի մէջ, ապա Թուրքիա վերադառնալով աշխատած է Կիւլէնի Միութեան գըլ-
խաւոր թերթի՝ «Զաման»ի մէջ, հիմա ան «Րատիքալ»ի գլխաւոր խմբագիրն է։ Էյուպ Ճան մէկն է սակաւաթիւ այն թուրք լրագրողներէն, որոք կը ճանչնան հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իրենց հրապարակումներու մէջ կը խօսին պատմութեան հետ երես առ երես գալու անհրաժեշտութեան մասին։ Իսկ Կիւլէնի հարսի՝ թուրք յայտնի լրագրող եւ վիպագիր Էլիֆ Շաֆաքի մասին ալ ըսւած է որ յայտնի է թէ անոր մայրը հայ էր։ Ան ալ երկար տարիներ աշխատած է «Զաման» թերթի մէջ։ Էլիֆ Շաֆաք գրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Իսթանպուլի բիճը» անուն գիրքը, որ մեծ աղմուկ հանեց Թուրքիոյ մէջ եւ որու պատճառով Շաֆաքի դէմ դատական հետապնդում իրականացաւ տխրահռչակ 301րդ յօդուածի կիրարկութեամբ։ յիշեցնենք որ Կիւլէնի ըստեղծած շարժումը կամ ինչպէս ընդունուած է Թուրքիոյ մէջ ըսել՝ Կիւլէնի կրօնական համայնքը Թուրքիոյ մէջ եւ Թուրքիայէն դուրս ունի դպրոցներ, համալսարաններ, հիմնադըրամներ, միութիւններ, լրատւամիջոցներ, հիւանդանոցներ, գործարարական կառոյցներ եւ դրամատուներ։ Թէեւ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն կը նկատուի արդի իսլամն ու ժողովրդավարութիւնը իրարու հետ ձուլող ու աշխարհի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը զօրացնող անձ, բայց ան դարձած է քաղաքական ու տնտեսական հզօր ոյժ եւ այժմ կը պնդուի թէ վտանգ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն։ Կիւլէնի համայնքի ու անոր անունով ստեղծուած շարժումի անդամները կարեւոր պաշտօններ կը վարեն Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր գերատեսչութիւններուն մէջ։ Ատոր շնորհիւ է որ Կիւլէն օտագործեց «մեծ կաշառակերութիւն» գործողութիւնը եւ ուժեղ հարուած իջեցուց Էրտողանի ու Ա-ԳէՓէ կուսակցութեան վրայ։