²ÏݳñÏ §²½¹³Ï¦Ç
ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ
4áõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.544 - 12 ÚáõÝÇë 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Յայտարարութիւնը Հալէպի հակահայ արարքների մասին
Հ
այ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն դատապարտում է Հալէպի հայաբնակ թաղամասերի վրայ վերջին օրերին հետզհետէ ուժգնացող յարձակումները: Արդէն կասկած չի մնում, որ Սիրիայի իշխանութիւններին իբրեւ ընդդիմութիւն հանդէս եկող ուժերի թիրախը բացառապէս հայաբնակ թաղա-
մասերն են: Կան փաստեր, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերի վըրայ սաստկացած յարձակումները խրախուսւում են յատկապէս Թուրքիայի կողմից: Դիմում ենք ընդդիմադիր այդ ուժերի վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր, յատկապէս արեւմտեան պետութիւններին` անմիջապէս իրենց լծակները
օգտագործելով դադարեցնել հայաբնակ թաղամասերի վըրայ յարձակումները: Հակահայ յարձակումներին եւ գործուած ոճրագործութեանը մեղսակից կը համարուեն հովանաւորող բոլոր այն պետութիւնները, որոնք առաջքը չեն առնի այդ արարքների: Կոչ ենք անում Սիրիայի իշխանութիւններին, անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկել` յատկապէս քրիստոնեայ անզէն փոքրամասնութիւնների ֆիզիքական անվտանգութիւնըն ապահովելու համար: Կոչ ենք անում նաեւ համայն հայութեանը` հնարաւոր բոլոր միջոցներով սատարել հակահայ արարքների դադարեցմանը ուղղուած Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախմբերի եւ գըրասենեակների նախաձեռնութիւններին:
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
ì³ïÇÏ³Ý ³Ûó»Éáõû³Ý ÁÝóóùÇÝ
Հայոց Ցեցասպանութիւնը դարձաւ Պապին ու Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրակարգին գլխաւոր հարցերէն մէկը
Վ
ատիկան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախակի առիթներով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցին։ Առաջին հերթին Վեհափառը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին մասին խօսեցաւ Ֆրանսիսքօ Պապին հետ իր ունեցած առանձին հանդիպման ընթացքին՝ առաջարկելով որ այս առիթով Պապը իր զօրակցութիւնը յայտնէ հայ ժողովուրդին։ Նոյն յիշեցումը կատարեց Վեհափառը Պապին ուղղած իր հրապարակային պաշտօնական խօսքի ընթացքին։ Վեհափառ Հայրապետը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան անդրադարձաւ Վատի-
կանի պետական քարտուղարին՝ կարտինալ Բարոլինին եւ Արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահ՝ Կարտինալ Սանտրիին հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին։ Վեհափառ Հայրապետը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեց նաեւ Սէնթ Էճիտիոյի եկեղեցւոյ մէջ իր տուած քարոզի ընթացքին, մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան։ Հայ Դատը իր այլազան երեսներով աւելի լայն տեղ գրաւեց
Վատիկանի պաշտօնաթերթին, հեռատեսիլին ու թղթակիցներուն հետ ունեցած Արամ Ա. Կաթողիկոսի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Փոխառաջարկ եւ առերեսուելու հրաւէր
Հ
այոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի չորրորդ նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի բացման խօսքին մէջ համեմատաբար աւելի ուշագրաւ է հետեւեալ բաժինը. «Պաշտօնական Անգարան կը շարունակէ խօսիլ պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու եւ արխիւները բանալու մասին: Նախ եւ առաջ յայտնի է, որ Հայաստանի արխիւները միշտ բաց եղած են բոլոր այն հետազօտողներուն համար, որոնց հետաքրքրած է հարցի գիտական մասը: Բայց ամբողջ եղած են նաեւ գիտական հաստատութիւններուն եւ թանգարաններուն մէջ պահուող նիւթերը: Բայց ամբողջ հարցը այն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան հետ առերեսւելու համար արխիւային աշխատանք ընդհանրապէս չի պահանջուիր: Բաւարար է մտնել որեւէ հայկական տուն, ընտանիք, եւ վկայութիւնները կը լեցնեն ոեւէ ունկնդիրի սիրտը: Բաւարար է ըլլալ Ծիծեռնակաբերդ, Ապրիլի 24ին եւ տեսնել, թէ ի՞նչ է այդ օրուան խորհուրդը իւրաքանչիւր հայու համար` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Բաւարար է երթալ սփիւռքի որեւէ համայնք եւ հարցնել` ինչպէ՞ս ձեր նախնիները յայտնուած են այստեղ: Եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կը հետաքրքրէ ճշմարտութիւնը, ուրեմն անոնք պէտք է գան Հայաստան եւ Ապրիլ 24ին ըլլան հայ ժողովուրդի կողքին: Չեմ կարծեր, թէ ատկէ ետք անոնք արխիւներ այցելելու մասին միտք հնչեցնել կարենան: Օգտուելով այս առիթէն` պաշտօնապէս կը հրաւիրեմ Թուրքիոյ նախագահը, ով ալ որ ընտրուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ժամանակ, այցելելու Հայաստան 2015 թուականի Ապրիլի 24ին եւ առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններուն հետ»: Բնականաբար այստեղ, իր հերթին լուսարձակ գրաւողը Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած հրաւէրն է Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Բայց նախքան այդ, կեդրոնանանք պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովի ստեղծման թրքական առաջարկի` նախագահ Սարգսեանի կողմէ մերժման եւ անոր փոխառաջարկին վրայ: Այս մէկը կը յիշեցնէ արդէն նախորդ նախագահին Էրտողանի նշանաւոր նամակին դիմաց կատարած փոխառաջարկը. ու թէեւ բովանդակութիւնը տարբեր է այն առումով, որ նախագահ Քոչարեանը կ՛առաջարկէր պատմաբաններու փոխարէն ստեղծել միջկառավարական յանձնաժողով, նախագահ Սարգսեանը կ՛ըսէր, որ արխիւային հետազօտութեան կարիք չկայ, այսուհանդերձ թուրքերը կրնան գալ եւ ուսումնասիրել մեր արխիւները: Ի հարկէ ոչ միացեալ յանձնաժողովի տեսքով: Այստեղ, անշուշտ, երկու կարեւոր իրողութիւն պէտք է վերյիշել. նախ այն, որ ֆութպոլային դիւանագիտութեան մոսկովեան յայտարարութիւնը պայմանական համաձայնութիւն տուած էր պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովին: Պայմանը այն էր, որ հայկական կողմը կը համաձայնի ստեղծել յանձնաժողովը միայն Անգարայի կողմէ սահմանի բացման պարագային: Ինչ որ մերժումի դիւանագիտական ձեւին համահունչ արտայայտչաձեւ էր: Իսկ երկրորդը, որ աւելի վաւերականութիւն կը յուշէ, կը վերաբերի Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններուն, ուր կայ կողմերու համաձայնութիւն երկու ժողովուրդներու դարաւոր վէճերը համատեղ պատմագիտական քննարկման ենթարկելու: Այժմ նախագահի յայտարարածը համազօր է այս վերջին համաձայնութեան հերքումին. եւ անիկա կարեւոր է, որովհետեւ յայտարարուած է այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր համախմբուած է համայն հայութեան ներկայացուցչութիւնը: Գուցէ իր նախադէպը չունեցող ներկայացուցչական տարողութեամբ եւ համընդգրկուածութեամբ: Այսքանը` պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով ըստեղծելու թրքական առաջարկի հրապարակային պաշտօնական մերժման վերաբերեալ: Այս փոխառաջարկը ծառայեցւած է իբրեւ հիմնաւորում հրաւէրի ուղղման: Այսինքն` թրքական առաջարկին դիմաց մերժողական դիրք որոշելու փոխարէն, արխիւները բաց յայտարարելով, եւ հրաւէր յղելով թուրք հետազօտողներուն գալու եւ արխիւները ուսումնասիրելու, նախագահը շրջած է թրքական առաջարկը: Եւ աւելի՛ն, պատմութեան հետ առերեսուելու, այդ արխիւներու ուսումնասիրութեան կարիքը չզգալու համար հրաւիրած է Թուրքիոյ նախագահը Ապրիլի 24ին գալու Երեւան: Կը թուի, թէ քաղաքական տրամաբանութեան աշխատիլը ունի որոշակի հետեւողականութիւն: Միացեալ յանձնաժողովի դիմաց փոխառաջարկ, յետոյ նաեւ Էրտողանի «ցաւակցութեան» դիմաց Երեւան գալու հրաւէր: Փոխառաջարկն ու հրաւէրը իրենց հիմնաւորումներով խելամիտ քայլեր են եւ կը փորձեն շրջել Անգարայի ճշդած խաղի կանոնները: Որոշ դիտար-
(Þ³ñ.Á ¿ç II)
ARMENIA
II
Âáõñùdz
Ալիեւ Նազարպայեւին` ազրպէյճանամէտ կեցուածքին համար երախտապարտութիւն յայտնած է
H
aqqin.az կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքին, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի եւ Ղազախստանի նախագահները թրքական Պոտրում քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած են: Ըստ տեղեկատուութեան, հանդիպումին ընթացքին քննարկըւած են երկկողմ համագործակցութեան առնչուող հարցեր` տնտեսական, քաղաքական եւ այլ մարզերու մէջ: Զրոյցի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը: Ալիեւ իր եւ ամբողջ ազրպէյճանցի ժողովուրդի անունով երախտագիտութիւն յայտնած է Նազարպայեւի` Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միանալու հարցին մէջ Ազրպէյճանի որդեգրած դիրքորոշման սատարելուն համար: Յիշեցնենք, որ Ասթանայի մէջ 29 Մայիսին կայացած Եւրասիական Տնտեսական Բարձրագոյն Խորհուրդի նիստին ընթացքին Նազարպայեւ անդրադարձած էր Ալիեւի նամակին եւ կոչ ուղղած` Հայաստանը Եւրասիական Միութիւն մտցնելու միայն իր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով:
Փոխառաջարկ եւ... (Þ³ñ. ¿ç I-Ç)
կումներ այսուհանդերձ կրնան դեր ունենալ յառաջիկայ քայլերուն համար: Նախ այն, որ երկու պարագաներուն առաջին քայլը թրքական կողմն է, որ կ՛առնէ եւ տպաւորութիւն կը ստեղծէ, որ մենք հակազդողի դիրքին վրայ ենք: Խորքին մէջ սակայն, հայկական կողմի հակաառաջարկները, կամ գուցէ միջազգային ընտանիքի նկատառումով կատարուող փոխառաջարկները հայկական կողմին համար առաւելութիւններ կ՛ապահովեն: Եթէ… Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը միայն ներքին սպառման համար չէ եւ ոչ ալ զուտ Անգարային ուղղուած, ինչպէս որ Էրտողանի կամ Տաւութօղլուի բարձրաձայնումները: Միջազգային ընտանիքն ու միջազգային հանրային կարծիքը պիտի ընկալեն պաշտօնական Երեւանի կողմէ առնուող կարեւոր քայլերը: Այդ պատճառով ալ յայտարարութիւններու եւ հրաւէրի լուսաբանումն ու մեկնաբանութիւնները շատ կարեւոր են: Տեղեկատուական մարզին մէջ հայկական կողմը աշխուժ նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալու բոլոր պատճառները ունի: Մեր արխիւները բաց են, եւ Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրուած է Երեւան, 100ամեակին: Կու գա՞ն արխիւներ հետազօտելու, թէ՞ կ՛ուղարկեն իրենց նախագահը 2015ի ապրիլին, ատիկա իրենց գործն է: Իրենց գործն է միաժամանակ միջազգային ընտանիքին բացատրելը, թէ ինչո՛ւ չեն գար: Իսկ մեր գործը մինչեւ այդ, միջազգային հանրային կարծիքը տեղեկացուած պահելն է հայկական կողմի նախաձեռնութիւններուն մասին, կամ թէ ո՞վ եւ ինչո՞ւ կը մերժէ կառուցողական առաջարկները:
«ԱԶԴԱԿ»
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 12 ÚáõÝÇë 2014
г۳ëï³Ý
Թշնամիի փամփուշտով սահմանի վրայ երկու հայ զինուոր զոհուած է
Ե
ՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 5 Յունիսին հայաստանեան ատրպէյճանական (Նախիջեւանի կողմէ) սահմանին վրայ երկու զինուոր նահատակուած է՝ հակառակորդին կրակոցներէն։ Այս առիթով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ստացուած օպերատիւ տեղեկութեան համաձայն՝ Յունիսի 5ին, հայ-ադրբեջանական սահմանագօտու հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերից մէկի պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտում հակառակորդի կողմից արձակւած կրակոցից մահացու հրազէնային գնդակային վիրաւորւմ են ստացել պայմանագրային զինծառայողներ Անդրանիկ Սամուէլի Եղոյեանը (ծնուած 1988թ., Արարատի զ/կ) եւ Բորիս Բենիկի Գասպարեանը
(ծնուած 1992թ., Արարատի զ/կ): Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնն է յայտնում Հայաստանի սահմանների անվտանգութիւնն ապահովելու ընթացքում զոհուած զինծառայողների ընտանիքների անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին: Միջադէպի մանրամասները ճշտւում են: Հայաստանի զինւած ուժերը վերահսկում են իրավիճակը շփման գծում՝ իրականացնելով իրավիճակին համարժէք գործողութիւններ: Հակառակորդի ձեռնարկած այս սադրանքը շփման գծում Ադրբեջանի զինուած ուժերի վերջին օրերի գործողութիւնների տրամաբանական շարունակութիւնն է, ինչը կրկին անգամ վկայում է, որ հարեւան պետութեան իշխանութիւններն արհամարհում են Լեռնային
Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած ցանկացած նախաձեռնութիւն, չեն ցանկանում խաղաղ ճանապարհով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, պարբերաբար դիմում են սադրիչ գործողութիւնների՝ արհեստականօրէն ապակայունացնելով իրավիճակը սահմանագօտում եւ վտանգելով բանակցային գործընթացը: Սրանով Ադրբեջանի իշխանութիւնները ցուցադրում են իրենց արհամարհանքը եւ ԵԱՀԿ ՄԽ գործունէութեան, եւ միջնորդ պետութիւնների ղեկավարների գործադրած ջանքերի, եւ միջազգային հանրութեան նկատմամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Նշենք, որ այս միջադէպի կապակցութեամբ Պաշտպանութեան նախարարութիւն հըրաւիրուած է ԵԱՀԿԻ նախագահի ներկայացուցիչ Անջէյ Գասփրչիկը:
ê¿Ûñ³Ý úѳݻ³Ý
«Իրավիճակի սրումը յղի է Ազրպէյճանի համար ծանր հետեւանքներով»
Հ
այաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունեց ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ հանդիպման ընթացքին նախարարը դեսպանին յորդորեց իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ գործուն քայլերու ձեռնարկելու` շփման գիծին վրայ իրավիճակը մեղմացնելու ուղղութեամբ, որովհետեւ ձեւաւորուած միջավայրին մէջ իրավիճակի ընթացիկ սրումը յղի է ազրպէյճանական կողմի համար ծանր հետեւանքներ ունենալու հաւանականութեամբ: Քասփրչիք իր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ խոստացաւ գործնական քայլերու ձեռնար-
Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar
կելու` շփման գիծին վրայ ներկայ իրավիճակը մեղմացնելու ուղղութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վստահեցուց, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը կը վերահսկուի հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ, եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ: «Հակառակորդը քանի մը օր շարունակ ապատեղեկատըւութեան եւ քաղաքական սադրանքներու միջոցով լարում յառաջացուց նախիջեւանեան սահմանին վրայ, եւ երէկուան կրակոցներուն հետեւանքով մենք երկու զինուորներ կորսնցուցինք: Պատասխան կրակէն ետք հակառակորդը լռեց, իսկ այսօր պաշտպանութեան նախարարը Անճէյ Քասփրչիքին հետ հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ իրավիճակը լեցուն է լուրջ հետեւանքներով եւ
4812-4993 www.hotelwilton.com.ar
Ազրպէյճանի համար կրնան շատ ծանր ըլլալ այդ հետեւանքները, եթէ կացութիւնը չմղէ դէպի հանդարտութիւն», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան: Ան աւելցուց, որ դրդապատճառներու արժեւորում չի կրնար կատարել, որովհետեւ անոնք քաղաքական գնահատականի պէտք է արժանանան: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը կը վերահսկեն սահմանը եւ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, ո՛չ մէկ զօրահաւաք, ո՛չ մէկ տեղահանութիւն կայ: Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ 20 տարի շարունակ զինեալ ուժերը ինչպէս խնդիրը լուծած են` կը շարունակեն նոյն ձեւով լուծել բայց, ըստ անոր, դժբախտաբար կորուստներ կ՛ըլլան, որովհետեւ մարտական իրավիճակ կը տիրէ ` պատերազմ է: Դէպքին ընթացքին ոչ թէ ազրպէյճանական կողմէ ներթափանցման փորձ կատարւած է, այլ, նախնական տեղեկութիւններով, արձակազէնները կրակած են մարտական յենակէտի ուղղութեամբ: Ա.Յովհաննիսեան հաստատեց, որ Նախիջեւանի սահմանին լարւածութիւնը նորութիւն է զինադադարի կնքումէն ի վեր: Նախարարին բանբերը վստահեցուց, որ ասիկա հայ-նախիջեւանեան սահմանին զինադադարի դրութեան խախտման բացառիկ դէպքերէն մէկն է:
ARMENIA
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 12 ÚáõÝÇë 2014
III
î»ë³Ï¿ï
гÛÏ³Ï³Ý å³Ñ³Ýç³ïÇñáõÃÇõÝÁ ³ÝóáõݳÛÇÝ Ñ³Ý·ñáõ³ÝÇÝ
Հատուցման օրակարգի հրամայականը
§... ųٳݳÏÝ ¿ áñ Ù»ñ ¹³ïÇ Ñ»ï³åÝ¹Ù³Ý ³ß˳ï³ÝùÝ»ñáõÝ Ù¿ç ß»ßïÁ ¹ñáõÇ Ñ³ïáõóÙ³Ý íñ³Û¦£ ²ñ³Ù ².
Հ
այոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին ընդառաջ, կարծես թէ ձեւաւորւած է ազգային համախոհութիւն մը Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը Ոճիրին միջազգային ճանաչման հանգրուանէն՝ հատուցման հանգրուան տեղափոխելու շուրջ: Հարիւրամեակը, այլ խօսքով, աշխատանքային նոր դաշտ մը կը բանայ: Սակայն այդ դաշտը, այն ինչ պիտի կոչենք հատուցման հանգրուան, կազմաւորւած չէ: Ոչ ալ նոր հանգրուանը կը նշանակէ թէ ճանաչման ուղղութեամբ ճիգերը այլեւս պիտի դադրին, կամ կորսնցնեն իրենց կարեւորութիւնը: Երկար ժամանակ տիրապետեց հայկական պահանջատիրութիւնը ուղղահայեաց գործընթացի մը տրամաբանութեամբ ընկալելու հասկացողութիւն մը, որուն համաձայն ճանաչում եւ հատուցում ժամանակագրականօրէն իրերայաջորդ հանգրուաններ պէտք է ըլլային: Նոյն տրամաբանութեամբ կ՚ընկալուէին հողահաւաք եւ հայահաւաք հասկացողութիւնները, որոնք կարելի է ենթադրել, հատուցման հանգրուանի ենթաթեքստեր կը համարւէին: Այդ ձեւով է որ Սփիւռքի պատմական զարգացումը կը հասնէր իր դրական աւարտին՝ հայրենադարձութիւն, եւ կը շրջանցուէր ձուլման եւ «ճերմակ ջարդ»ի թակարդը: Այս պատումը, որ, ինչ խօսք, սփիւռքեան երեք սերունդի հայապահպանումը ապահովեց, Հայաստանի անկախացման անակնկալ իրադարձութեամբ կորսնցուց ինքնութեան ընկերային կառուցման գործօնի իր ուժը: Փիլիսոփայական իմաստով, արդիականութեան ամէն մեծ պատումներուն նման, իննիսունական թուականներուն մտաւ ճգնաժամային փուլ, որ, իր կարգին, կրնար կամ յաւերժանանալ որպէս յետ-ճանաչում, որպէս սփիւռքեան Յետարդիականութիւն, կամ ալ «ճըգնաժամ» յղացքի հասկացողութեան ներդիր՝ հինի աւարտի գիտակցութեան եւ նորի կառուցման առաջնորդել: Հարիւրամեակէն տարի մը առաջ գըրւող այս տողերու առաջադրած գլխաւոր գաղափարը՝ հատուցման օրակարգին անցնելու համախոհութեան գոյութեան ենթադրութիւնը կը հիմնուի այն փաստարկելի համոզումին վըրայ, որ հայկական պահանջա-
տիրութիւնը կրցած է գերազանցել յետ-ճանաչման ճգնաժամը եւ, հետեւաբար, հայ քաղաքական մտածողութիւնը կրնայ յառաջընթաց արձանագրել եւ շըրջանցել լճացման թակարդը: Ճիշդ է, քաղաքական պայքարի այս հանգրուանին դեռեւս ճանաչում-հատուցում եւ, «քաղաքականապէս ճիշդ» ըլլալու համար, հաշտեցում, տրամաբանութիւնը տակաւին հանրային ելոյթներուն մէջ պիտի շարունակուի, որովհետեւ հիմնականօրէն անոր պարզացուած տրամաբանութիւնը կը հեշտացնէ որոշումներու կայացումը, հանրային կարծիքին ուղղուած յայտարարութիւններու ընկալումը եւ, ընդհանրապէս, քաղաքական աշխատանքի յատուկ գործնական քայլերու ի խնդիր փոխ-զիջումային նախաձեռնութիւնները: Աւելի՛ն, այնքան ատեն որ թրքական, եւ անոր ռազմավարական զինակից ատրպէյճանական, ժխտողականութիւնը շարունակուի՝ ճանաչման հրամայականը որոշ տեղեր եւ որոշ չափով անխուսափելիօրէն պիտի դրուի: Ի դէպ, հարկ է նշել, որ նոյնիսկ Հայ Դատի սկզբնական հանգրուանին երբ գերխնդիր էր Ցեղասպանութեան շուրջ միջազգային լռութեան վերացումը, եւ ուրեմն շեշտը կը դրուէր ճանաչման հրամայականին վրայ, հատուցման, աւելի կոնկրետ՝ հողային պահանջատիրութեան, հեռանկարը երբեք չէր անտեսւած: Կը մնայ որ այն ժամանակներուն կը դժուարանար անոր օրակարգի վերածումը, այսինքն՝ անոր իրականացման համար տարբեր ծրագիրներու յղացումը ե՛ւ որովհետեւ մոռացման դէմ պայքարը եւ ճանաչումը պարտադրաբար առաջնահերթային էին, ե՛ւ որովհետեւ հատուցումը, հողային պահանջատիրութեան հիմնական հասկացողութեամբ, չէր կրնար միայն ոչ-պետական ճիգերով առաջ տարուիլ, առնուազն այդպէս էր համատարած համոզումը: Այսօր ալ հատուցման օրակարգը չէ կազմաւորուած տակաւին: Ոչ ալ, ինչպէս երբեմն երեւակայութեան ուժ կը տըրւի, օր մը փաստաթուղթ մը պիտի ստորագրուի յստակօրէն բանաձեւելով հատուցման օրակարգը: Բայց կարելի է բնութագրել եւ վերլուծել արդէն իրականացող ներազգային քաղաքական-հասարակական գործընթացներ, որոնք իրենց բնոյթով տինամիք են, անխուսափելիօրէն ուշադիր արտաքին գործօններուն եւ որոշ չափով ենթակայ անոնց ազդեցութեան, գործընթացներ որոնք երբեմն զիրար կրնան հակասել, բայց բոլորն ալ նպատակաուղղուած դէպի պահանջատիրական հատուցում: Ահա այդ օրակարգի կազմաւորման հա-
մար հարիւրամեակի ընդառաջ գլխաւոր մարտահրաւէրը այս իրարմէ անջատ, ինքնավար, ոմանք ազգային իմաստով ինքնորոյն, ուրիշներ ոչ այնքան յըստակ նպատակներով, գործընթացներու համակարգումն է, անշուշտ՝ այնքան որքան որ անոնց տինամիքան թոյլ կու տայ, այնքան որքան կարելի է համակարգում առաջացնել: Իտէալականօրէն այդ մէկը պետութեան պարտականութիւնը պէտք է ըլլար, բայց գիտենք որ սփիւռքեան գոյավիճակով յատկանշուող հաւաքականութիւններուն համար ազգային հիմնախնդիրներու լուծումը բացարձակապէս պետութեան վըստահիլը ոչ միայն անհնար է այլ նաեւ ռիսկային: Այլ խօսք, Հայաստանը դեռեւս չունի այն «հըզօր պետութիւնը» որ կարենայ թէկուզ եւ փորձել նման հեկեմոնային նախաձեռնութիւն: Կը մնայ որ երբ պետութիւնը չէզոք մնայ հատուցման հարցով, երբ «պետական մտածողութիւնը» ձեւաւորուի երեսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքի մը մէջ ի մտի ունենալով այն երկու միլիոն քաղաքացիները, որոնք գլոբալ շուկայի «Հայաստան» բրենտի սահմաններուն մէջ կ՚ապրին սոցիալական տարվինիզմի տրամաբանութեամբ կամ որպէս գիշատիչ օլիկարգ կամ ալ որպէս իր գոյութիւնը օրէ օր քաշքրտկող իննիսունին տոկոս, կը բազմանան հատուցումը զուտ գումարային չափանիշով սահմանելու ենթակայական նախաձեռնութիւնները իրենց կասկածելի արդիւնաւէտութեամբ: Եւ արդե՞օք այդ մէկը չէր որ պատահեցաւ երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարչակարգն ու ՀՀՇի օրգանական մտաւորականները փորձեցին նէօլիբերալիզմի գոյներով հաստատագրել այդ պետական մտածողութեան «թշառութիւնը» -փոխ առնելով Պաքունինի Փիլիսոփայութեան Թշուառութիւնը գործին Մարքսին որակաւորումը- որուն որպէս հետեւանք, Միացեալ Նահանգներու ատեաններու մէջ բազմացան Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն դիմումները ապահովագրական ընկերու-
թիւններու թէ դրամատուներու՝ իրենց նախնիներու ներմուծած գումարներուն վերատիրանալու համար: Նախաձեռնութիւնը, ինչ խօսք, Ցեղասպանութեան հարցը ուշադրութեան կեդրոն բերաւ: Ցոյց տուաւ նաեւ որ առանց պետութեան կարելի է հատուցման դիմել եւ դատեր շահիլ: Բայց նման տիպի նախաձեռնութիւններ նաեւ հատուցումը անձնականացնելու եւ, աւելի վտանգաւոր, լոկ գումարային հաշուարկով սահմանելու ռիսկին առաջ դրին: Այլ խօսքով կրնան առաջադրել որ հատուցման հարցը բառացիօրէն ճշդուած «արեան գին»ի վճառումով կրնայ փակուիլ: Եւ եթէ պատահէր, որ ՀՀՇական պետական մտածողութեան թըշւառութեան հետեւումով այսպէս կոչուած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» թշուառութիւնը ինքզինք ամրագրէր եւ Ցեղասպանութեան հիմնահարցը իյնար հայ-թրքական երկրորդ փրոթոքոլին թակարդը, այդ պարագային, թերեւս նոյնիսկ Հայաստան-Սփիւռք խզումի ենթախորքով, հատուցման օրակարգը բացառապէս սփիւռքեան նախաձեռնութիւն պիտի մնար, պիտի ըլլային իրարմէ անջատ եւ կարճաժամկէտ նըպատակներ հետապնդող ծրագիրներ, բայց ոչ մէկ ճիգ անոնց համակարգման համար ի գործ պիտի դրուէր: Բարեբախտաբար ազգային գործընթացները ցոյց տուին որ հայ քաղաքական մտածողութիւնը կրնայ աւելին ըլլալ քան այդ զոյգ թշուառութիւնները: Պէտք է խոստովանիլ նաեւ որ նոյնինքն ցեղասպան պետութիւնը օգնեց, որ հայկական պահանջատիրութիւնը աւելի հեշտաբար դուրս գար ճանաչման փակուղիէն: Օգնեց՝ Ցեղասպանութիւնը ժխտելու իր յամառութեամբ, միջազգային յարաբերութիւններու այնպիսի ոլորտի մը մէջ, ուր էթնիկական մաքրագործումներու, մարդկութեան դէմ ոճիրներու, պետական ահաբեկչութեանց եւ ցեղասպանութիւններու հին թէ նոր երեւոյթներու բազմացումը զանգուածային լրատուական միջոցներու մէջ «յոգնածութեան»
հոգեվիճակ մը կրնար ստեղծել: Ի մասնաւորի, երբ այդ «յոգնածութեան» թակարդը ճանաչման գործընթացի մէջ իրականացած ամէն յաջողութեան անկիւնադարձին կը յայտնուէր որպէս յաջորդ քայլի հարցադրում: ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց Ենթայանձնախումբի 1985ի Ուիթեքէրի տեղեկագրէն մինչեւ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւը երկու տարի յետոյ եւ զանազան երկիրներու մէջ անցած Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքները, նշելու համար միայն ամենայատկանշական իրագործումները, անխուսափելիօրէն կը յանգէին, գիտակցաբար կամ ոչ բանաձեւուած «եւ հիմա ի՞նչ» հարցումին: Ոչ-պետական միջոցներով առաջ տարուած աշխատանքները այնքան ժամանակ, նիւթական յատկացում եւ գործելակերպի փորձառութեան կուտակում կը պահանջէին որ ամէն դոյզն յառաջխաղացք քաղաքական հրամայականի եւ ոլորտի փոփոխութեան իմաստով կրնար հիասթափեցնէ կամ ալ հինի կրկնութեան տանիլ: Առանց տակաւին անդրադառնալու այդ ճիգերու վերջին պահու ձախողութեան պատճառած յուսալքումներու վըտանգին, ամէն ինչ ծայրէն սկըսելու ծանր աշխատանքի ապաքաջալերանքին: Եթէ չըլլար Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարի ճանապարհին արձանագըրւած ամէն յաջողութեան յաջորդած թրքական ժխտողականութիւնը միշտ աւելի բուռն եւ աւելի յամառ, այդ փոքր յաջողութիւնները կրնային եւ Սփիւռքին տալ ինքնաբաւարարութեան զգացումը եւ անով ալ արդարացնել «յոգնածութենէն» յետոյ «հանգիստ»ի անհրաժեշտութիւնը: Այդ «յոգնածութիւնը» կըրնար նաեւ ցեղասպանութիւններու հիմնախնդիրներու լուծումը հասարակացնել, պարզացնել, վերածել (Հաննա) Արենտեան բանաձեւումով «պանալիթէ»ի մը:
(Þ³ñ.1)
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
ARMENIA
IV
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 12 ÚáõÝÇë 2014
êáõñdz
Մահասփիւռ Հալէպէն` կեանքի արձագանգներ
Ա
յս օրերուն Դիմատետր տրուած «այցելութիւնը» միայն տխրութիւն կը ներարկէ եւ ծանր շունչ մը կը փոխանցէ: Ծանր` Հալէպի հայաշատ շրջաններուն, հայաշունչ կառոյցներուն եւ հայակերտ դպրոցներուն վրայ ինկած ռումբերուն չափ, տխուր` մարդու նկատմամբ, յատկապէս հարազատ հայու նկատմամբ ի գործ դրուած այս ոճրագործութեան ահաւորութեան չափ: Աւերակներ արտացոլացընող նկարներուն մէջ սկսան երեւիլ հայատառ գրութիւններով կամարներ, հայերու անուններ կրող ցուցատախտակ-ցուցափեղկեր, Արեւմտահայաստանի զանազան շրջաններուն եւ մեր մեծ դէմքերուն անունները կրող շէնքերու մնացորդներ… Կայքէջերը կը պրպտես, նո՛յն ցաւն է, նո՛յն վիշտը, նո՛յն մտահոգութիւնն ու նո՛յն անաստուածութիւնը… Իւրաքանչիւր հալէպահայ իր թաղին կամ շէնքին այլանդակ վիճակը պատկերող նկարին տակ յիշատակներու երթ կը կազմակերպէ, կանգունին եւ աւերակին միջեւ բաղդատութիւն կը կատարէ, ընթերցողին աչքերէն արցունք ու բարկութիւն խլելու չափ ցաւով, ցասումով եւ կարօտով կ՛արտայայտուի` չկարենալով ճշդել, թէ արդեօք աւարտ կա՞յ, մութով օծուն փակուղիին մէջէն լոյսը պիտի սպրդի՞, կրկին այդ փողոցները զինք իրենց գիրկը պիտի առնե՞ն, պատշգամներէն հայերէն լեզուն անցորդին ականջները պիտի շոյէ՞, այցելուները պիտի զմայլի՞ն` ի տես ամբողջ թաղի մը ցուցափեղկերուն կրած հայկական անուններուն… Տեղա-
դրուած նկարներուն տակ կատարուած մեկնաբանութիւններուն մէջ անպայման այդ յոյսը կու գայ շունչ մը տալու, հալէպահայերու (Հալէպի մէջ թէ անկէ դուրս գտնուող) թէկուզ խաբկանք թուող հաւատքը ժըպիտ մը կ’ուրուագծէ, այլ հայորդիներու զօրակցող խօսքերը համբերութեան բաժակը կը պարպեն չափով մը… Սուրիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր դանդաղ-դանդաղ, երբեմն-երբեմն հայկական թաղամասերը հարուածող ահարկու ու քստմնելի թաթը այս անգամ իր ամբողջ ուժգընութեամբ թիրախ ընտրեց ցարդ այսպէս կամ այնպէս իրենց գոյութիւնը պահպանող հայաշատ շրջաններն ու տառապանքն ու մահուան սպառնալիքը անտեսող եւ կեանքին ու գոյատեւման կառչած մեր քոյր-եղբայրները: Այդ քոյր-եղբայրներուն արձագանգները չեն ուշանար այս անգամ ալ… Հազիւ այդ թաթին ծանրութեան տակէն դուրս ելած, տակաւին թաթին շուքին տակ իսկ, անոնք կը յայտարարեն իրենց գոյատեւումը, կ՛արձագանգեն եւ զգաստութեան կը հրաւիրեն նախ հայութիւնը, ապա` աշխարհը: Արձագանգներ, որոնց մէջ տակաւին ծանրօրէն կը շնչէ կեանքը, գլուխ կը բարձրացնէ տոկալու կամքը, յոռետեսութեան զգեստը կրելով հանդերձ, լաւատեսութեան ալ փոքր տեղ մը տալու փորձը… Սակայն ոչ հեռու հորիզոնին վրայ կ’երեւի գաղութի, յատկապէս հալէպահայութեան գոյատեւման սպառնացող իրավիճակէն ծնունդ առնող մտավախութիւնը, ցաւն ու
տագնապը` ի տես հայահոծ շրջանի մը կործանումին եւ դատարկումին, ցասումը` կատարուածին դէմ ծառանալու, արդարութիւն գոռացող ձայնը ռումբերու պայթիւններէն վեր պահելու` պահանջելով նուազագոյն ապրուստի պայմաններու վերականգնման համար ջանքերու գործադրութիւն… «Սուրիական օրագրութեան» «մօրմէն» կու գայ առաջին արձագանգը` ի պատասխան իմ մտահոգ ե-նամակիս. «Կը հարցնես ապրած թաղս. բայց թաղամասը գրեթէ կապ չունի, քանի որ վտանգը ամէն տեղ է ու շատ որոշ: Պարզապէս մահւան ներկայութեան վարժուեր ենք, ակամայ համակերպումով: Ինծի համար մեծ ցաւ է Նոր Գիւղին վիճակը. հարուածները հոն շատ են, ու կը պարպուի: Գաղութն է, որ կը քայքայուի, ու թուրքին ուզածը կ՛իրականանայ»: Լալա Մինասեան անգամ մը եւս, ինչպէս յօդուածներուն մէջ, անձնականէն անդին է, իր գոյութիւնը պահպանելու մըղձաւանջէն շատ աւելի հեռուն երթալով` կը տառապի գաղութին ճակատագիրով, կը ցաւի հայութեան կարեւոր կեդրոնները համախմբած ու հայահոծ թաղամասի մը մէջ տեղի ունեցածին ի տես: Հպարտալի ու սիրտ լիացնող է ե-նամակներ ստանալ իրմէ եւ տեսնել, թէ մահուան ներկայութեան վարժուած այս հայորդին տակաւին ուժն ու յանդգնութիւնը ունի նորանոր «օրագրութիւն»ներու ծնունդ տալու` մարտահրաւէր կարդալով ինքնին մահուան… Դիմատետրի վրայ ընթերցողը «կ’ողջունէ» «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի ցնցիչ կանչը` «Ո՞ւր էք… Ո՞ւր…»: «Աննկարագրելի էր անցնող օրերուն Նոր Գիւղի աղէտը: Բարբարոսներու անմարդկային արարքներու իբրեւ հետեւանք` քանդուեցան հայ ընտանիքներուն տուները, լրջօրէն վնասուեցաւ ՍՕԽի (ՀՕՄ)` բարեսիրական ու մարդասիրական հաստատութեան ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ տագնապի ամբողջ երեք տարիներուն ընթացքին օժանդակութեանց կեդրոնի, ընտանեկան երդիքի դեր կը խաղար հայ կեանքին մէջ, տակաւի՛ն, վնասւեցան եկեղեցի, դպրոց, հայկական համալիրներ… Մարդիկ ժամերու ու վայրկեաններու մէջ կորսնցուցին իրենց ընտա-
նեկան բոյնը: Այս բարբարոսութիւնը լուռ պէտք չէ անցնի, ո՞ւր էք հայկական լրատուամիջոցներ, ո՞ւր են ձեր դատապարտման կոչերը… Միայն տեղեկատուութիւն փոխանցել ու անցնի՞լ է մեր պարտականութիւնը… Յարգա՛նք` ակումբի նուիրեալ տղոց, որոնք անտեսելով իրենց կեանքի ապահովութիւնը` փութացին օգնելու, ամոքելու, բուժելու, գէթ փրկելու կեանքը Նոր Գիւղի բնակիչներուն… «Անմարդկային այս արարքները լուսարձակի տակ բերել է պէտք, որովհետեւ անոնք ո՛չ պայքարի, ո՛չ յեղափոխութեան եւ ո՛չ ալ վարչակարգ տապալելու ուղղուած քայլեր են, այլ` ատելութեան ու ոճրային տրամաբանութեան դրսեւորում: Այստեղ ո՛չ գաղափարական տարակարծութեան տրամաբանութիւն կայ, ո՛չ երկիրը աւելի ժողովրդավար դարձնելու նախանձախնդրութիւն, ո՛չ ալ յեղափոխականի բարոյական նկարագիր: Պարզապէս` ահաբեկչական տրամաբանութիւն…»: Հակառակ անապահովութեան, տագնապալի վիճակին, արձակազէններուն սպառնալիքին, «Գանձասար»ի եւ «Բերիոյ նիուզ»ի մեր սիրելի պաշտօնակիցները պատնէշի վրայ են, երկրին ու գաղութին պատկերը կը հասցնեն համայն աշխարհին… Սակայն կացութեան ծանրութիւնը տանելի ըլլալէ հեռու է քիչ մը, իսկ խմբագիրին կոչը այդ մէկուն յստակ դըրսեւորումն է… Սալբի Գասպարեանին Դիմատետրի էջին վրայ մնայուն ներկայութիւն է Հալէպը. «Հալէպ … Հալէպ … «Երեք օրերէ ի վեր արդէն վիրաւոր հայաբնակ Նոր Գիւղը արիւնաքամ կը դառնայ… Կոյր ռմբակոծումներու թիրախ դարձած են Սուրիահայ օգնութեան խաչի կեդրոնը, Ազգ. Սահակեան եւ Զաւարեան վարժարանները, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, «Կիլիկիա» եւ «Սիս» բնակարանային համալիրները, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ բնակարաններ եւ գործատեղիներ… «Տեղին է դիտարկել թրքական գործօնը, որ առիթ չի փախցներ իր արիւնոտ թաթը պտըտցնելու հայապատկան շրջաններուն վրայ… «Նոր Գիւղը յայտարարուած է ԱՂԷՏԻ ԳՕՏԻ …
«Հիմնայատակ կը կործանի յետեղեռնեան տարագիր հայութեան առաջին կայքն ու վերապրումի օրրանը… «Տարագիր հայութեան պատմութիւնը, Նոր Գիւղի նմանակով հայաբաբախ զարկերակ մը եւս երբեք ու երբեք պիտի չունենայ… Եւ ո՛չ միայն Նոր Գիւղը, այլ նաեւ` հայաբնակ այլ վայրեր ծանր վնասներ կ՛ունենան … «Ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ մըղձաւանջը այս … Ե՞րբ …»: Սուրիական իրականութեան մէջ առկայ ամէն տեսակ խոչընդոտ անտեսած եւ Հայ Դատի հետապնդման պայքարի ձեռնարկած Սալբի Գասպարեանին տագնապը մտահոգիչ է, որովհետեւ ան լաւատեսութեան ու յոյսի թէկուզ փոքր նշոյլ պահած ու փոխանցած է միշտ: Դանակը ոսկորին հասած է արդէն… Ե՞րբ, կը հարցնէ արդարացիօրէն… Երանի՛ պատասխան ունենար մէկը… Տակաւին շա՜տ ու շա՛տ այլ արձագանգներ, բազում կոչեր, բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ, սակայն բոլորին մէջ ալ` մէկ տիրական բան… Յարգա՛նք` անջուր եւ անլոյս օրերուն իսկ լաւ ըլլալու տպաւորութիւն ստեղծել ուզողներուն նկատմամբ… Յարգա՛նք` հեռաձայնին միւս կողմէ լսուող պայթիւնները անտեսելով` «մեզմով մի՛ մտահոգւիք» ըսողներուն նկատմամբ… Յարգա՛նք` մահը իբրեւ շուք ունենալով հանդերձ, իրենց պարտականութիւններուն կառչած եւ գաղութի ծառայութեան լծուածներուն նկատմամբ… Յարգա՛նք` հայկական կարեւոր գաղութի մը ապագային հաւատացողներուն եւ անով մտահոգուողներուն նկատմամբ… Յարգա՛նք` բաց աչքով քնացող եւ որեւէ վայրկեանի օգնութեան հասնելու պատրաստակամ տղոց նկատմամբ… Յարգա՛նք` իրենց տուներուն փուլ գալէն ետք միայն զայն լքածներուն, ջուրի տեղ զովացուցիչով ծարաւ յագեցընողներուն, տունը հաց թխողներուն նկատմամբ… Յարգա՛նք` մահը անտեսելով կեանքին կառչածներուն, ցաւը անտեսելով պայքարողներուն, կենցաղային տագնապը մոռնալով` գաղութին մասին մտածողներուն, անձնականէն շատ աւելի վեր ելլելով` մի՛շտ ու մի՛շտ հաւաքականին մասին մտածողներուն նկատմամբ… Կը մնայ միայն խոնարհիլ նմաններուն դիմաց եւ բուռն կերպով յուսալ, ի խորոց սրտէ մաղթել, որ Լալա Մինասեանին «թուրքին ուզածը կ’իրականանայ» մտավախութիւնը կարելի ըլլայ ազգովին փարատել, Զարմիկ Պօղիկեանի «ո՞ւր էք»ին արժանի պատասխան տալու ատակ ըլլանք, իսկ Սալբի Գասպարեանի «ե՞րբ»ին պատասխանը չուշանայ…
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ»