ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԽԱՏԻՍԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵԳԻՊՏՈՍ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Ուղի մը հաւաքականութենէ դէպի անձնականութիւն
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԵ. ԳԱՀԻՐԷ 2020
ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԽԱՏԻՍԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵԳԻՊՏՈՍ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՌՈՒԹԻՒՆԸ Ուղի մը հաւաքականութենէ դէպի անձնականութիւն
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԵ. ԳԱՀԻՐԷ 2020
Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան
Այս գիրքը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։
Ստանալու համար դիմել` tchahagir@journalist.com
ՄՈՒՏՔ
Եգիպտահայ պատմութեան յիշողութիւնը չէ արձանագրած աւելի խանդավառ ու բոցավառ մթնոլորտ քան Ալեքսանդր Խատիսեանի մէկ շաբաթ տեւած (17-24 Օգոստոս 1920) այցելութիւնը Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա։ Ամբողջ եգիպտահայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ ընդունելու նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակը։ Այդ շրջանի գլխաւոր լրագիրներն էին Աղեքսանդրիոյ Արեւը (խմբագիր` Միքայէլ Կիւրճեան) եւ Գահիրէի Յուսաբերը (խմբագիր` Ստեփան Եսայեան), որոնք երկուքն ալ լոյս կը տեսնէին ընդամէնը շաբաթը երեք անգամ (եռօրեայ)։ Խատիսեանի այցելութեան խիտ ու առատ դէպքերը գրեթէ անակընկալի բերին Արեւն ու Յուսաբերը, որոնք բառացիօրէն չէին հասցներ տեղն ու տեղը արձանագրել կատարուածները։ Ամէն բան մանրամասնօրէն ներկայացնելու դրական ճիգը յաճախ յառաջ բերաւ խառնաշփոթութիւն դէպքերու ժամանակագրական յաջորդականութեան եւ դասակարգումի առումով։ Բայց միայն այս երկու լրագիրներուն միջոցով է որ այսօր կրնանք վստահօրէն վերականգնել այն բացառիկ խանդավառ մթնոլորտը` որ կը տիրէր եգիպտահայ գաղութին մէջ Խատիսեանի այցելութեան ընթացքին։ Թէեւ այդ ժամանակ երկու լրագիրները կուսակցութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչներ չէին, բայց Արեւը որդեգրած էր Սահմանական Ռամկավար Կուսակցութեան, իսկ Յուսաբերը` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուղղութիւնները։ Յուսաբերը քիչ մը աւելի բուռն ու ճոխացուած մեկնաբանութիւններով, Արեւը քիչ մը աւելի զուսպ` բայց միշտ յախուռն մօտեցումներով, մասնակցեցան ընդհանուր ոգեւորիչ մթնոլորտին։ Ըսի` մասնակցեցան, այլ ոչ` վերարտադրեցին, քանի որ վերարտադրութիւնը կ’ենթադրէ տարածութիւն մը, ներքին օտարացում մը կատարուածի եւ անոր մասին գրուածի միջեւ, մինչդեռ մասնակցութիւնը ենթակայական համագոյակցութիւնն է իրադարձութեան հետ։ Խատիսեանի անձը համախառնուեցաւ անկախ Հայաստանի տեսլականին հետ։ Իբրեւ անհատ, ամէն բանէ կ’երեւայ որ հռետոր մըն էր ան, գիտէր գրաւել ունկնդիրը։ Միքայէլ Կիւրճեան կը շեշտէ իր խօսքի «պերճախօութիւն»-ը, «ազդողականութիւն»-ը1, «կրկնազօր ազդեցութիւնը»-ը եւ «մոգական ազդեցութիւն»-ը2։ Խատիսեան կը ճառախօսէր առանց կարդալու, պատրաստ էր իւրաքանչիւր յանպատրաստից վիճակի մէջ խօսելու եւ ազդելու։ Վստահաբար, տուեալ
3
ժամանակաշրջանին, նման մարդու առկայութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն էր։ Չորս տարի ետք` 1924-ին, Արեւ (խմբագիր` Յովհաննէս Յակոբեան) յետադարձ ակնարկով պիտի յիշէր Խատիսեանի այցելութիւնը Եգիպտոս, զայն համարելով «երանելի օրեր», «երբ մեր ժողովուրդը գինովութեան խանդավառ շրջան մը կ’ապրէր»3։ Երանելի օրեր, երբ մարդիկ պատրաստ էին հաւատալու` որ ունինք աշխարհի լաւագոյն բանակներէն մէկը եւ շուտով կ’ունենանք ծովէ ծով Հայաստան, համաձայն Խատիսեանի խօսքերուն։ Ստորեւ, հիմնուելով Արեւի եւ Յուսաբերի վրայ, ինչպէս նաեւ մասնակի մէջբերումներ կատարելով Խատիսեանի հրատարակած յուշերէն, պիտի փորձեմ ժամանակագրական յաջորդականութեամբ մանրամասնօրէն վերականգնել եգիպտահայ պատմութեան մէջ իր նախադէպը եւ յետադէպը չունեցած ժողովրդային եռանդագին մթնոլորտը, որմէ ետք հետեւիլ Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութեան ընթացքին` մինչեւ անոր վախճանը 1923-ին, չմոռնալով ներկայացնել նաեւ Խատիսեանի առաջարկով հիմնուած Ոսկի Ֆոնտի զարգացումները։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍ
ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐԸ
1920 Յունիս 5-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարանը կ’ընդունի օրէնք` Հայաստանի պաշտպանութեան եւ վերաշինութեան համար ձեռնարկելու 20 միլիոն տոլլարի ներքին եւ արտաքին փոխառութիւն, որ կը կոչուի Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւն։ Այս նպատակին համար լիազօր կը նշանակուի նախկին վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեան (Խատիսով)4։ Յունիս 19-ին, Խատիսեան իր տիկնոջ Քսէնիայի հետ կը սկսի ուղեւորութիւնները, մինչեւ Եգիպտոս գալը յաջորդաբար այցելելով Թիֆլիս, Պաթում, Պոլիս, Փարիզ, Լոնտոն, Միլան, Վենետիկ եւ Հռոմ5։
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 17 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920
ա. Ժամանում Աղեքսանդրիա Կրաց շոգենաւով, 46-ամեայ Խատիսեան կը մեկնի Իտալիոյ Պարի նաւահանգիստէն եւ Օգոստոս 17-ի առաւօտեան ժամը 8.30-ին կը հասնի Աղեքսանդրիա։ Նաւահանգիստը զինք դիմաւորելու կ’երթան` եգիպտահայ թեմի առաջնորդ
4
Թորգոմ եպս. Գուշակեան (յետագային` արք.)` իր հետ ունենալով Ղեւոնդ քահանայ, կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Յովհան եպս. Գուզեան` իր հետ ունենալով Գեր. Յ. Քաջազնունի, Թեմական Ժողովի կողմէ` Մեթր Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեան եւ Մեթր Գէորգ Գայարեան, եւ Քաղաքական Ժողովի կողմէ` Վահագն Ազնաւորեան, Յ. Ճիյէրճեան, Յակոբ Փափազեան եւ Յ. Կարապետեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, Հայ Ազգային Միութեան եւ Հայ Յառաջդիմասէր Երիտասարդական Ընկերութեան եւ այլ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խուռն բազմութիւն մը։ Հիւրերը թափօրով կ’առաջնորդուին Սաւոյ Փալաս պանդոկը6։ Արեւ եւ Յուսաբեր առաջնորդող յօդուածներով կ’ողջունեն գալուստը։ Արեւի խմբագիր Միքայէլ Կիւրճեան կը գրէ. Մեզի պէս հեռուէն դիտողներուն իսկ անիկա կրցած է` տալ տպաւորութիւնը կարկառուն անհատականութեան մը, ուր իմացականութիւն եւ կամք միացած` կը յօրինեն ճշմարիտ պետական մարդու տիպար մը, բանիբուն, փորձառու, ճկուն եւ կորովի միանգամայն7։ Ահաւասիկ Յուսաբերը. Հա՞րկ է միթէ բառեր ու վերադիրներ փնտռել` մեր հասարակութեան ներկայացնելու համար ականաւոր հիւրը, որուն անունը անխառն հիացումով եւ արդար հպարտութեամբ կ’արտասանուի այսօր հայութեան բոլոր խաւերուն մէջ, աշխարհի ամէն կողմը8։ բ. Բարի գալուստի ընդունելութիւն Սաւոյ Փալաս պանդոկը հասնելուն պէս, յատուկ յատկացուած սրահի մը մէջ տեղի կ’ունենայ բարի գալուստի ընդունելութիւն։ Այստեղ Խատիսեան կը յայտարարէ իր գալստեան երեք պատճառները. Ա. Ներքին փոխառութեան մասնակից ընելու եգիպտահայ գաղութը։ Բ. Հանգուցեալ Գրիգոր Մելքոնեանի կտակի խնդիրը կարգադրելու։ Գ. Հանրապետութեան շուրջ զեկուցումներ ընելու, որպէսզի անոնք որ կ’ուզեն իրենց անձը նուիրել եւ անոնք որ իրենց դրամը, տան գիտակցաբար, իսկ անոնք որ Հայաստանի կարիքներուն տեղեակ ըլլալէ յետոյ նորէն հանգիստ նստիլ նախընտրեն, գոնէ ապագային չկարենան ըսել, թէ չէինք գիտեր ու չտուինք, ու որպէսզի Հայաստան օր մը իրաւունք ունենայ ըսելու անոնց, ուզեցի եւ զլացաք տալու9։ Գործնականօրէն, առաջնայինը առաջին կէտն էր։ Ասիկա կը շեշտէ Կիւրճեան իր յիշեալ առաջնորդողին մէջ. Յայտնի է որ Պ. Խատիսեան կու գայ հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ իրեն
5
յանձնուած ամենակարեւոր պաշտօնով մը, – այն է` յաջողցնել քսան միլիոն տօլարի պետական ծանօթ փոխառութիւնը10։ Որմէ ետք կ’աւելցնէ. Եգիպտահայութիւնը պէտք է ցոյց տայ որ ինք գիտէ ո՛չ միայն արժանավայել մեծարանքով ընդունիլ Հայաստանի նախորդ վարչապետը, այլ եւ ընել իր առաքելութեան` այն ազգասիրական սրտագին ընդունելութիւնը որուն արժանի է անիկա։ Անշուշտ ամէն Հայ կ’ըմբռնէ այն աւագ, կենսական կարեւորութիւնը զոր փոխառութեան այս խնդիրը ունի մեր հայրենիքին համար11։ գ. Այցելութիւն Ազգային Առաջնորդարան Աղեքսանդրիա հասնելէն անմիջապէս ետք, Օգոստոս 17-ի ժամը 4-ին կ’այցելէ Ազգային Առաջնորդարան, տեսակցութիւն կ’ունենայ Թորգոմ եպս. Գուշակեանի եւ համայնքի անդամներուն հետ, կ’այցելէ եկեղեցին եւ անոր յարակից գերեզման դամբանները, մասնաւորապէս բարերար հանգուցեալ Գրիգոր Մելքոնեանի գերեզմանը, «որ թողած էր միլիոնաւոր ժառանգութիւն Հայաստանի համար»12, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարաններու բարերար Պօղոս պէյի եւ Նուպար փաշայի դամբանները13։ դ. Պտոյտ Աղեքսանդրիոյ մէջ Ապա Դաշնակցական առաջնորդ Մեթր Տէլէմաք Թիւթիւնճեանի հետ կը պտըտի քաղաքը14, որմէ ետք կը վերադառնայ պանդոկ։
ե. Ճաշ Սան Սթեֆանոյի մէջ Երեկոյեան մտերմական ճաշի կը հրաւիրուի Սան Սթեֆանօ քազինոն` Տէր եւ Տիկին Յակոբ Փափազեանի (Ռամկավար) եւ Տէլէմաք Թիւթիւնճեանի (Դաշնակցական) հետ։
զ. Հանդիպում Կարապետ Մելքոնեանի հետ Գիշերուայ ժամը 11-ին, պանդոկին մէջ կ’ընդունի Կարապետ էֆ. Մելքոնեանին (եղբայրը Հայաստանի նուիրատու ողբացեալ Գրիգոր Մելքոնեանի), որուն կ’ընկերակցէր իր փաստաբանը` Մեթր Գէորգ Գայարեան15։
6
ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 18 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920
ա. Այցելութիւն բրիտանական բնակատեղի Այցելութեան երկրորդ օրը` Օգոստոս 18-ի կէսօրին, Թորգոմ Սրբազանի հետ կ’այցելէ Աղեքսանդրիոյ բրիտանական բնակատեղին, ուր կէս ժամուայ հանդիպում-ընդունելութիւն մը կ’ունենայ Լորտ Ալենպիի փոխանորդին հետ16։
բ. Հանդիպում Սաւոյ պանդոկին մէջ եւ Փոխառութեան Յանձնախումբի կազմութիւն Ժամը 3-ին, Սաւոյ պանդոկին մէջ հանդիպում կ’ունենայ շուրջ 70 ազգայիններու, վաճառականներու, արհեստաւորներու եւ մտաւորականներու հետ, ուր ներկայ էին նաեւ Թորգոմ Սրբազան եւ Գուզեան Գերապայծառ17։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք իրեն հանդէպ Աղեքսանդրիոյ հայութեան ցոյց տուած սիրալիր ընդունելութեան համար, կը նշէ` որ իբրեւ պետական անձ, ինք կը ճանչնայ միայն պետական շահն ու հայ քաղաքացին եւ իրեն համար գոյութիւն ունի ո՛չ լուսաւորչական, ո՛չ բողոքական, ո՛չ կաթողիկէ, ո՛չ Ռամկավար, ո՛չ Դաշնակցական, ո՛չ Հնչակեան։ Ապա կը ներկայացնէ Հայաստանը` իր մռայլ եւ լուսաւոր կողմերով։ Կ’ըսէ` որ Հայաստանի ազատութիւնը ձեռք բերուեցաւ ծանր ու տխուր պատմական անցեալէ մը ետք։ Կու տայ իր սեփական եօթնամեայ գործունէութեան ուրուագիծը` իբրեւ միջնորդ Կովկասի փոխարքայի եւ հայութեան միջեւ, իբրեւ անդամ ազգային մարմիններու եւ իբրեւ բանագնաց թուրքերու հետ հաշտութեան կնքումին համար։ Այս վերջին առումով կը յիշատակէ 1918 Յունիս 5-ին իր կողմէ ստորագրուած Պաթումի դաշնագիրը, մեկնաբանելով.
Մենք ստորագրեցինք որովհետեւ յոյս եւ հաւատք ունէինք մեր ապագային վրայ, որովհետեւ ամէն գնով կ’ուզէինք ստեղծել, հիմ մը, կորիզ մը, ապագայ Մեծ եւ Միացեալ Հայաստանի անհրաժեշտ կորիզը։ Խատիսեան սկսած էր Փոխառութեան ուղեւորութիւնները, երբ Օգոստոս 10-ին` Եգիպտոս հասնելէն մէկ շաբաթ առաջ, կը ստորագրուէր Սեւրի դաշնագիրը։ Կ’ըսէ` որ համաձայն պայմանագիրին, թուրքերը արդէն սկսած են պարպել Թրքահայաստանը եւ քաշուած են Էրզրումէն, իսկ հայկական բանակը պատրաստ է առաջին նշանին գրաւել դաշնագիրով մեզի տրուած նահանգները։ Կը խօսի ահռելի սովի եւ հիւանդութեան մասին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ յատկապէս Ամերիկային` Հայաստանը ալիւրով ապահովելու եւ
7
ժողովուրդը փճացումէ փրկելու համար. Եթէ չլինէր Ամերիկեան օգնութիւնը, ալիւրի անընդհատ հայթայթումը, մեր ժողովուրդը այսօր փճացած կ’ըլլար։ Պէտք չէ մոռնանք մեր երախտագիտութեան պարտքը` Ամերիկայի։ Շնորհակալութիւն նաեւ Անգլիոյ` քաղաքական եւ ռազմական առումներով. Անգլիոյ հանդէպ ալ մեծապէս երախտապարտ ենք. անոր կը պարտինք նախ Աղեքսանդրապօլի եւ Կարսի խաղաղ անարիւն նուաճումը. ան մեզի օգնեց միշտ քաղաքականապէս, եւ ռազմամթերքով։ [Խօսքը 1918 Հոկտեմբեր 30-ի Մուտրոսի Զինադադարի եւ անոր յաջորդող յայտնի դէպքերուն մասին է, ընդհուպ մինչեւ Կարսի վերամիաւորումը Հայաստանի հետ, Հ.Ա.] Ապա Խատիսեան կ’անցնի Հայաստանի ներքին վիճակի նկարագրութեան։ Իր վարչապետութեան ժամանակ, բծաւոր տենդի համաճարակը երեք ամսուայ ընթացքին սպանած է 130 հազար անձ։ Աշխարհէն եկող բուժումի եւ դարմանի միակ ճամբան կ’անցնէր Վրաստանէն, մինչ վրացիները ճամբայ բանալու համար կը պահանջէին Պորչալուն եւ Լոռին։ Մշակութային եւ կրթական մակարդակով, պատերազմական վիճակն ու դրամական միջոցները խոչընդոտ հանդիսացած են բաղձալի զարգացումներ իրականացնելու։ Խատիսեան կ’անդրադառնայ լրագիրներուն յիշատակած կաշառքի համատարածութեան հարցին. [Պ]աշտօնեայ մը կը ստանայ 5000 րուպլի. բնական է որ ընտանիքի հոգերով ծանրաբեռնուած պաշտօնեայ մը, ապրիլ եւ ապրեցնել կարենալու համար, կաշառք կ’ուտէ։ Այս մասին թերթերու գրածները ճիշդ են։ Կ’ըսէ` որ անմշակ հողը գրաւած ենք եւ բաշխած գիւղացիին, որ բարիք մըն է, միեւնոյն ատեն իմաստուն կարգադրութիւն մը` սպառնացող Պօլշեւիքութեան դէմ կռուելու համար։ Ասիկա է գլխաւոր պատճառներէն մին որ Պօլշեւիք վտանգը այնքան շուտ եւ դիւրաւ խեղդուեցաւ մեր երկրին մէջ։ Մենք արդէն իրագործած էինք այն զոր Պօլշեւիք բրօբականտիսթներ կարող էին գործածել իբր խայծ` սեփականազուրկ գիւղացին հրապուրելու եւ խաբելու համար։ Ես ինքս հողատէր էի եւ թող տուի որ պետութիւնը գրաւէ կալուածներս։ Ի՞նչի կը ծառայէ հողը, երբ չի մշակուիր, չ’արտադրեր։ Կը յայտնէ` որ Հայաստանի այսօրուայ Խորհրդարանը «չի ներկայացներ
8
ամբողջ ժողովուրդը քանի որ ընտրուած է անոր մէկ հատուածը միայն, ժողովրդական եւ ռամկավար կուսակցութիւնները մասնակցած չըլլալով վերջին ընտրութեանց, ինչ որ անբնական բան մըն է» եւ կը վստահեցնէ` որ աշնան մեծ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական եւ պետական կազմերուն մէջ, ուր պէտք է միանան բոլոր կուսակցութիւնները, ներառեալ տաճկահայերը, յատկապէս երբ Թրքահայաստանը գրաւուի։ Եւ, անշուշտ, այցելութեան գլխաւոր նպատակը` քսան միլիոն տոլլարի Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը, որմէ կախուած է երկիրի տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներուն զարգացումը, պետական կեանքին կանոնաւորումը, ինչպէս նաեւ շուտով գրաւուելիք Տաճկահայաստանի վերաշինութեան գործը18։ Ելոյթէն ետք, Փոխառութիւնը կազմակերպելու համար կ’ընտրուի առեւտրական անձնաւորութիւններէ բաղկացած Յանձնախումբ մը երկու Գօմիթէներով, նախագահ` Յովհաննէս Մութաֆեանց, ատենադպիր` Տէլէմաք Թիւթիւնճեան19։ Փոխառութեան Աղեքսանդրիոյ Կեդրոնական Գօմիթէին անդամներն են` Կարապետ Անլեան, Յովհաննէս Բէմպէքճեան, Յովհաննէս Գատիֆեան, Գրիգոր Թարագճեան, Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեան, Թովմաս Թօփուզեան, Գէորգ Իփէքճեան, Մինաս Խաչատուրեան, Արմենակ Կամսարական, Երուանդ Կամսարական, Յովհաննէս Կուտսուզեան, Ժագ Մաթոսեան, Յովհաննէս պէյ Մաթոսեան, Կարապետ Մելքոնեան, Յովհաննէս Մութաֆեանց, Պետրոս Մուղալեան, Յարութիւն Նազարէթեան, Գէորգ Սարգիսեան, Գրիգոր Սարգիսեան, Միքայէլ պէյ Րէիզեան, Յակոբ Փափազեան, Սարգիս Փափազեան, Հայկ Քիւրքճեան։ Սուտանի Գօմիթէի անդամներն են` Գրիգոր Գրիգորեան, Սարգիս Իզմիրլեան, Գրիգոր Սալերեան, Ֆիլիբ Վանեան, Նազարէթ Քիւրքճեան։ Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբի շրջանակին մէջ կը գտնուի նաեւ Հապէշիստանը20։ Յետագային, Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբին մէջ կը կատարուին որոշ փոփոխութիւններ։ 1920 Սեպտեմբեր 3-ի առաջին նիստին փոխ-ատենապետ կ’ընտրուի Յովհաննէս Գատիֆեան եւ փոխ-ատենադպիր` Յակոբ Փափազեան, ինչպէս նաեւ կ’ընդունուին նոր անդամներ` Յակոբ Ազնաւորեան, Վահագն Ազնաւորեան, Տոքթ. Ն. Գլըճեան, Ճիւան Եսայեան, Խալիլ փաշա Խայաթ, Հապիպ Շամի, Տոքթ. Չօլեան եւ Ժիւլ Փափազեան21։ գ. Ալհամպրա Թատրոնի առաջին դասախօսութիւնը եւ Ոսկի Ֆոնտը Սաւոյի հաւաքոյթէն ետք, ժամը 5-ին, Խատիսեան կը հասնի Աղեքսանդրիոյ յայտնի Ալհամպրա Թատրոնը, տալու համար իր հրապարակային դասախօսութիւնը։ Սրահը լեփ-լեցուն էր, շատեր մնացին ոտքի, ուրիշներ ստիպուեցան մեկնիլ։
9
Երկու տարի առաջ Երեւանը աւերուած էր կիսափուլ տուներով, լեցուն էր աղեխարշ խեղճութեամբ եւ անհնարին թշուառութեամբ, բայց բանակն ու ժողովուրդը իր ձեռքը առաւ վերաշինութեան աշխատանքները, կ’ըսէ Խատիսեան։ Կը պատմէ սրտաճմլիկ դրուագներ Հայաստանը աւերող թշուառութեան եւ հիւանդութեան մասին։ Երբ երկու տարի առաջ պատուհանիս առջեւէն կը տեսնէի մեռելական թափօրները, այսօր կը տեսնեմ ամուսնական թափօրները։ Բայց ասիկա միայն սկիզբն է եւ տակաւին շատ բան կայ ընելիք։ Խատիսեան պատմականը կ’ընէ հայ եւ թուրք հաշտութեան պայմանագիրի կնքումին, նշելով անոր յաջորդող քաղաքական եւ ռազմական բարեբաստիկ իրագործումները եւ սահմաններու ընդարձակումի հնարաւորութիւնները. Հանրապետութիւնը որ սկիզբները միայն 8000 քառ. քլմ. տարածութեան մէջ ամփոփւած էր, այսօր ունի 51,000 քառ. քլմ. ընդարձակութիւն, Տաճկաստանէ գրաւուելիք հողամասերը շուտով այդ տարածութիւնը պիտի հասցնեն 220,000 քառ. քլմ.ի ու այսպէս պիտի շարունակուի, մինչեւ որ օր մըն ալ Հայաստանը կարողանայ գտնել ծովէ ծով իր բնական ու պատմական 400,000 քառ.ի ընդարձակութիւնը։ (Յուսաբեր) Կ’աւելցնէ.
Գրեթէ վստահ ենք թէ պիտի տիրանանք Վանայ Նահանգին բացի Հէքեարիէ, Բաղէշին ու Մուշին` բացի Սղերտէ, Կարնոյ նահանգին եւ Տրապիզոնի ալ մէկ մեծ մասին, թերեւս նոյն իսկ Խարբերդի։ (Յուսաբեր)
Իսկ այս տարածքները ազատագրելէ ետք, վերաշինութեան համար անհրաժեշտ է դրամ։ Գովքը կը հիւսէ հայ կտրիճ գիւղացիին եւ հայ դիւցազն զինուորին` որոնք հրաշքներ գործեցին ճակատներուն վրայ։ Եղան յուսահատութեան պահեր, բայց բանակի արիութեան շնորհիւ թիզ մը հող չզիջեցինք թշնամիին։ Կը յիշէ Պարսկաստանի օգնութիւնը Հայաստանին, երբ թուրք-թաթարական խժդութիւններէն փախչող թշուառ վերապրողները սրտաբաց ընդունած էր իր մօտ։ Կը ներկայացնէ հայ-վրացական վէճերը։ Կ’անդրադառնայ հայ մամուլին` որ յաճախ կը քննադատէ կառավարութիւնը, բայց համազգային հարցերու առումով միշտ կը մնայ միաբան։ Արհամարհանքը կը յայտնէ Սոցիալ-Յեղափոխական (ԷսԷռ) կուսակցութեան [որ 1918 Օգոստոս 1-ի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն գրաւած էր 6 աթոռ, իսկ 1919 Յունիս 4-ին` 4 աթոռ, Հ.Ա.], որ չի հաւատար հայկական անկախութեան եւ պետութեան տեւականութեանը, եւ կը
10
ջատագովէ Հայաստանի միացումը համառուս ապագայ Ֆետէրասիօնի մը։ (Արեւ)
Կառավարութիւնը պետականացուցած է միայն հողերը եւ այս կերպով նաեւ խափանած պոլշեւիքներուն վտանգը։ Ասիկա բնաւ չի նշանակեր` որ Հայաստանը որդեգրած է ընկերվարական մօտեցում։ Ընդհակառակը, Հայաստանը բաց է դրամագլուխներու եւ առեւտուրի առջեւ, եւ կառավարութիւնը պիտի պաշտպանէ վաճառականութիւնը եւ պիզնէսը։ Հանրապետութեան ձեռքբերումներէն մէկն է հանրային կրթութիւնը` որ ձրի եւ պարտադիր է։ Բայց կան լուրջ խնդիրներ։ Ճանապարհածախսի համար անհրաժեշտ դրամի չգոյութեան հետեւանքով անկարող են արտասահմանէն փոխադրել գիւղատնտեսական գործիքներ, շինանիւթեր, երկաթուղիի կազմածներ, հագուստեղէն, ուտեստեղէն, բժշկական, գրենական, ապակեղէն եւ այլ պիտոյքներ։ Կայ թուղթի համատարած պակաս։ Այս բոլորը` որովհետեւ դրամ չկայ։ Ուրեմն, իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է մասնակցիլ Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութեան։ Փոխառութենէն անդին, Խատիսեան կ’առաջարկէ օգնութեան այլ միջոցներ` փոքր նուէրներ ղրկել հայ զինուորին, երիտասարդներ ղրկել հայրենիքը ծառայելու համար տարբեր բնագաւառներու մէջ, զինուորագրել կամաւորներ բանակին համար, հրատարակել դիւրահասանելի լեզուով vulgarisationի գիրքեր եւ զանոնք ուղարկել Հայաստան` անգրագէտ եւ ուսումի ծարաւ ժողովուրդին համար, նպաստել գեղարուեստական մասի զարգացումին` կրթելու համար ժողովուրդը։ Վերջապէս, Խատիսեան կոչ կը յղէ հայրենասիրական տուրքին վրայ աւելցնել Ոսկի Ֆոնտը, որուն նպատակն է բարձրացնել հայկական թղթադրամին արժէքը22։ Ոսկի Ֆոնտին կոչը կ’ունենայ անմիջական արձագանգ եւ ներկաները անմիջապէս կը նուիրաբերեն ոսկի դրամներ, ոսկի մատանիներ, ապարանջաններ, զարդեր, 1-20 եգիպտական ոսկիի դրամական նուէրներ23։ Նուիրատուութիւններուն ընդհանուր գումարը կ’ըլլայ մօտաւորապէս 7 միլիոն ռուպլի24։ Փակումի խօսքը կ’արտասանէ Թորգոմ Սրբազան, որմէ ետք կը նուիրէ 400500 եգիպտական ոսկի արժող զմրուխտէ մատանին` զոր 1918-ին նուէր ստացած էր Կալկաթայի հայերուն կողմէ, երբ իբրեւ կաթողիկոսական նուիրակ կը գտնուէր Հնդկաստան25։ Միքայէլ Կիւրճեան, առաջնորդող յօդուածով շեշտը կը դնէ Խատիսեանի խօսքի ազդեցութեան վրայ. Առաջին անգամ ըլլալով, Աղեքսանդրիոյ հայութեան հոգին, Պ. Խատիսեանի
11
պերճախօսութեան միջնորդութեամբը, հաղորդուեցաւ խորապէս Հայաստանի հարազատ, հայազատ հոգիին հետ, զայն լրիւ ըմբռնեց, ընդգրկեց իր բովանդակ մեծութեանն ու գեղեցկութեանը մէջ։ Կարելի չէ լսել զՊ. Խատիսեան եւ չի տպաւորուիլ, չի գրաւուիլ իր շեշտերուն զօրութենէն եւ անկեղծութենէն, իր յայտնած զգացումներուն հաղորդականութենէն, մտածումներուն ողջմտութենէն, յորդորներուն ազդողականութենէն։ Կը զգաս որ ան կը խօսի իբրեւ Հայ, հայրենիքին հայութեան կողմէն` արտասահմանի հայութեան, առանց կուսակցութեան, դաւանանքի եւ հոսանքի խտրութեան. հայրենասիրութեան աննկատ, կամ համանկատ ոգին է որ կը ներշնչէ զինքը, եւ ինք ա՛յդ ոգին է որ կը ջանայ արծարծել, բոցավառել զինքը մտիկ ընող բոլոր հայերու սրտին մէջ26։ դ. Հացկերոյթ Սաւոյ պանդոկին մէջ Երեկոյեան ժամը 9-ին, Սաւոյ պանդոկին մէջ Ազգային Իշխանութիւնը կը կազմակերպէ պատուասեղան-հացկերոյթ, ներկայութեամբ Ազգային Իշխանութեան, կուսակցութիւններու եւ ազգային հաստատութիւններու շուրջ 30 ներկայացուցիչներու, նախագահութեամբ երեք յարանուանութիւններուն պետերուն` Թորգոմ Եպիսկոպոս, կաթողիկէ համայնքի առաջնորդական փոխանորդ Հ. Յովսէփ Քաջունի եւ Պատուելի Ճէճիզեան27։ Կը սպասարկուի հայկական ճաշացուցակ. Աղանդեր Շիրակայ Վանապուր Գառնուկ Էջմիածնայ բանջարեղինօք Բիլաւ Հայկական Թրքահաւ խորովեալ ի պէտս հայոց Ծնեբեկ Արարատեան Կիլիկեան թացաքով Սառումբ (combe) Պալատական Մրգեղէնք Այգեստանի Սուրճ Սեւանայ Կարմիր գինի Հրազդան Փրփրակ շքագինի Մտերմական մթնոլորտի մէջ տեղի կ’ունենան բաժակաճառեր, կը խօսին Մեթր Գէորգ Գայարեան, Մեթր Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեան, Յակոբ Փափազեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Թորգոմ Սրբազան եւ Խատիսեան28։
12
ԵՐՐՈՐԴ ՕՐ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 19 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920
ա. Թանթա Օգոստոս 19-ի կէսօրուայ երկաթուղիով, Տէր եւ Տիկին Խատիսեան, Թորգոմ Եպիսկոպոսի եւ Գուզեան Գերապայծառի ուղեկցութեամբ, Աղեքսանդրիայէն կը մեկնին դէպի Գահիրէ։ Երկաթուղիի գլխաւոր կայարանն է Թանթա քաղաքը, Աղեքսանդրիայէն 130 քիլոմեթր եւ Գահիրէէն 94 քիլոմեթր հեռաւորութիւններու վրայ։ Փոքրաթիւ հայ գաղութ մը կը գտնուէր այնտեղ, որ օգտուելով գնացքի կարճատեւ կանգառէն, կու գար ողջունելու Խատիսեանը։ Գաղութը գրեթէ ամբողջութեամբ` տիկին, օրիորդ եւ պարոն, կայարանն էին։ Գնացքը Թանթայի կայարանը կը հասնի ժամը 1.30-ին, ուր Խատիսեան կը դիմաւորուի կեցցէներով եւ ծափահարութիւններով։ Ընդամէնը 4-5 վայրկեան կայ զինքը ողջունելու։ Թորգոմ Սրբազան գաղութին կը ներկայացնէ Տէր եւ Տիկին Խատիսեանը։ Յովսէփ Ամպարեան կ’արտայայտէ գաղութին զգացումները հիւրին նկատմամբ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ բարի գալուստ կը մաղթէ Երուանդ Թօգաթլեան, Ս. Ռ. Կուսակցութեան կողմէ` Մարտիկ Պզտիկեան։ Կը նուիրուին ծաղկեփունջեր։ Խատիսեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս համակրական ցոյցերուն համար, տեղեկութիւններ կու տայ հայրենիքին եւ բանակին մասին, կ’աւետէ հայրենիքին եւ ազգին շուտափոյթ վերածնունդն ու յառաջդիմութիւնը, կը պարզէ իր առաքելութեան շարժառիթը եւ կ’առաջարկէ Թանթայի հայութեան իր բաժինը բերել Փոխառութեան մէջ։ Աղաղակներ` «Կեցցէ՜ Հայկական Հանրապետութիւնը», «Կեցցէ՜ հայ քաջարի բանակը», «Կեցցէ՜ Պարոն Խատիսեան»։ Գործարաններու երեք տեղւոյն ներկայացուցիչներ` Յովսէփ Ամպարեան, Աւետիս Աճէմեան եւ Յարութիւն Մարգարեան, կ’ուղեկցին հիւրին մինչեւ յաջորդ կայարանը` Պանհա, իսկ Դաշնակցութեան կողմէ Սարգիս Կականեան` մինչեւ Գահիրէ։ Յաջորդ օրը, Ուրբաթ գիշեր, ընդառաջելով հրաւէրը, 25-30 ազգայիններ կը հաւաքուին Թանթայի Հայ Ընթերցասրահը, լսելու Յովսէփ Ամպարեանի լրացուցիչ տեղեկութիւններն ու բացատրութիւնները` զորս կրցած էր քաղել մինչեւ Պանհա ուղեկցութեան ընթացքին։ Տեղեկութիւններ կու տայ Հանրապետութեան եւ հայկական բանակին մասին, պարզելով բանակին տնտեսական, ապրուստի եւ զգեստի խիստ նեղ պայմանները եւ բաղձանք կը յայտնէ որ գաղութը իր մասնակցութիւնը բերէ Ոսկի
13
Ֆոնտին։ Անմիջապէս կը ձեռնարկուի հանգանակութիւն իսկ բացակայ ազգայիններու մասնակցութիւնն ալ ապահովելու համար կը կազմուի երեք անձերէ մարմին մը, որ յաջորդ օրն իսկ կը սկսի աշխատանքի եւ կը յաջողի հաւաքել` 7920 եգ. դահեկան, 12 անգլիական եւ 9 ֆրանսական ոսկեդրամ, ոսկեայ ժամացոյց մը, երկու մատանիներ, արծաթ ապարանջան մը, ինչպէս նաեւ գնդասեղ մը` 10 ֆրանքնոց ֆրանսական ոսկեդրամով, մետաքսեայ թաշկինակի մը մէջ, որուն մէկ անկիւնը Օրիորդ Պէաթրիսի ձեռքով ասեղնագործուած է եռագոյն դրօշակը եւ ունի հետեւեալ գրութիւնը. Ի յիշատակ Ոսկի հիմնադրամին կեցցէ՜ հայ բանակը, Թանթայի հայ գաղութէն, 23 Օգոստոս 192029։ բ. Դիմաւորութիւն Գահիրէի երկաթուղիի կայարանը Կէսօրէն ետք ժամը 3.50-ին կը հասնի Գահիրէի երկաթուղիի կայարանը։ Ազգային Իշխանութիւնը թռուցիկ ազդերով եգիպտահայութեան տեղեկացուցած էր գալստեան ժամը։ Շուրջ երեք հազար հայեր խուժած էին կայարան, որոնց մէկ մասը չկրնալով ներս մտնել սպասած էր դուրսը։ Յուսաբեր կը նկարագրէ. Կայարանը ասեղ նետելիք տեղ չկար, բազմութիւնը ծովու ալիքներուն նման մէյ մը այս կողմ, մէյ մը այն կողմ կը տատանուէր, եւ իր աչքերը երկաթուղիի գիծերուն ուղղած` շոգեկառքի ժամանման կը սպասէր հեւ ի հեւ30։ Եկած էին Գահիրէի Հայ Ազգային Միութիւնը, քաղաքական կուսակցութիւնները, Թեմական եւ Քաղաքական Ժողովները, դպրոցի հոգաբարձութիւնը, ուսուցչական կազմը, Հայուհեաց Միութիւնը, Բարեգործականը, Արարատ ակումբը, Հայ Արիներու Սիութեան վարչութիւնը, Հայ Բժշկական Միութիւնը, Որբախնամը, հայ եւ օտար մամուլը եւ այլ հաստատութիւններ31։ Երբ դուրս կու գայ վակոնէն, Խատիսեան կը շրջապատուի հայ պաշտօնական անձնաւորութիւններէ, որոնց կը սկսի ներկայացնել Թորգոմ Սրբազան, բայց անհամբեր բազմութիւնը առաջ մղուելով անկարելի կը դարձնէ շարունակել32։ Խատիսեան կը հանդիպի ժողովուրդի ինքնաբուխ փոթորկայոյզ ծափահարութիւններուն եւ դժուարութեամբ դուրս կու գայ կայարանէն, ինչպէս ցոյց կու տայ Արեւի թղթակիցը. Չեմ կրնար նկարագրել ծափահարութիւններու եւ կեցցէներու փոթորիկը որ պայթեցաւ ամէն կողմէ. քայլ առ քայլ յառաջացաւ [Խատիսեան] ամէն կողմէն տեղացող ծաղիկներու
14
տարափի մը տակ, եւ հազիւ 15 վայրկեանէն կրցաւ կայարանին շէնքէն դուրս ելլել ուր խռնուած էր խելայեղ եւ ամենախիտ բազմութիւն մը. ամէն ոք կարծես` կը մրցէր միւսներէն առաջ տեսնելու օրուան մեծ հիւրին դէմքը33։ Խատիսեան ինքը պիտի յիշէր այս պահը. Գահիրէի հայերը պատրաստած էին չտեսնուած հանդիսաւոր ընդունելութիւն։ Ամբողջ կայարանը լեցուն էր ժողովուրդով. ամէն կողմէ ծաղիկներ կը թափուէին վրաս. լուսանկարչական գործիքները կը գործէին շուրջս։ Տեղական մտաւորականութիւնը իր ամբողջ կազմով, առանց կուսակցական խտրութեան, ոգեւորուած` շրջապատած էր Հայաստանի ներկայացուցիչը, իսկ ժողովուրդի խուռն բազմութիւնը կեցցէներով եւ աղաղակներով կ’ուղեկցէր ինձ մինչեւ ինքնաշարժը34։ գ. Ճանապարհ դէպի Շեփըրտ պանդոկ Խատիսեան պիտի իջեւանէր կայարանին բաւական մօտ գտնուող Շեփըրտ պանդոկը, ուր հասնելու համար պէտք էր անցնիլ ընդամէնը մէկ գլխաւոր փողոց մը` Քամէլ փողոց (այսօրուայ Ալ-Կումհուրէյա փողոցը)։ Շեփըրտ կը գտնուէր Արքայական Օփերայի Հրապարակէն քիչ մը առաջ` 8 Քամէլ փողոց (այսօրուայ պենզինի կայարանին տեղը)։ Խատիսեան եւ Թորգոմ Սրբազան կը նստին դրօշակազարդ ինքնաշարժ մը, որուն կը հետեւին շուրջ 25 ինքնաշարժներ, ուր բազմած էին զանազան մարմիններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ` Ազգային Միութիւն, Հ. Յ. Դաշնակցութիւն, Ս. Ռ. Կուսակցութիւն, Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւն, Արարատ Միութիւն, Որբախնամ Ընկերութիւն, Նաւասարդ Սրահի վարչութիւն, Աղքատախնամ Ընկերակցութիւն, Գալուստեան Վարժարանի հոգաբարձութիւն, առեւտրական երեւելիներ, մամուլի ներկայացուցիչներ։ Ազգային Իշխանութեան կարգադրութեամբ, Քամէլ փողոցի ամբողջ երկայնքի երկու կողմերը շարուած էր խուռներամ բազմութիւն մը, որուն պատճառով ինքնաշարժները կը շարժէին բաւական դանդաղ։ Պանդոկէն քիչ առաջ գտնուող Ռամկավար Ակումբի պատշգամէն կը կատարուի յարգանքի ցոյց եւ կը նետուին ծաղիկներ Խատիսեանի ինքնաշարժին վրայ։ Խատիսեան գլուխի շարժումով կ’ողջունէ նոյն պատշգամէն կախուած Հայաստանի դրօշակը35։ Ձիաւոր ոստիկանութիւնը կը մաքրէր ճանապարհը, եւ մեր ամբողջ շքախումբը կ’ուղեւորուէր դէպի Գահիրէի առաջնակարգ հիւրանոցը, որուն վրայ կը ծածանէր հայկական դրօշակը, պիտի յիշէր Խատիսեան36։
15
դ. Շեփըրտ պանդոկ Կը հասնի Շեփըրտ պանդոկը` որուն գագաթը կը ծածանի Եռագոյնը։ Ժողովուրդը կը խուժէ պանդոկը, բան մը` որ նախատեսուած չէր եւ կը յառաջացնէ աւելորդ անկարգութիւն37։ Պանդոկին ընդունարանը յանպատրաստից կը կայանայ հանրային հաւաքոյթ մը։ Թորգոմ Սրբազանի բարեմաղթական խօսքէն ետք ելոյթ կ’ունենայ Խատիսեան, որ բացատրելէ ետք իր առաքելութեան նպատակը, կ’եզրակացնէ. Ես մարդ մըն եմ որ գիտէ պարագային բերմամբ համերաշխիլ ամենածայրայեղ յեղափոխականէն սկսեալ մինչեւ ամենապահպանողականին հետ, մինչեւ իսկ Սուլթանին, եւ այդ երկու ծայրայեղութեանց միջեւ ստեղծել համերաշխութեան եզր մը, այս պատճառաւ է որ իմ պետութիւնս իր կազմութեան նախօրեակին իբրեւ առաքեալ ղրկեց զիս սուլթաններու երկիրը, բանակցնելու համար Սուլթանի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ես ընդունեցի այդ պաշտօնը որովհետեւ դրանից էր կախուած Ղարաբաղի հայութեան ճակատագիրը։ Կ’ուզեմ ձեզ հրաւիրել ուրեմն թէ դուք ալ այդ նպատակով բոլորուիք ձեր հայրենիքին շուրջ եւ ձեր ջանքերը անվերապահօրէն ի սպաս դնէք անոր, նիւթապէս թէ բարոյապէս անդամակցելով նորակազմ պետութեան կազմակերպութեան գործին38։ ե. Այցելութիւն Առաջնորդարաններ Քիչ մը հանգստանալէ ետք, կ’այցելէ նախ Ազգային Առաջնորդարան եւ ապա Կաթողիկէ Առաջնորդարան։ Երկու Առաջնորդարաններուն մէջ կ’արժանանայ սիրալիր ընդունելութեան39։
զ. Այցելութիւն Հայ Ազգային Միութիւն Երեկոյեան ժամը 7.30-ին կ’այցելէ Հայ Ազգային Միութեան կեդրոնատեղին, ուր ներկայ էին միութեան անդամները եւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները։ Նախ, Խատիսեան համառօտ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ իր այցելած հայ գաղութներու ընդունելութիւններուն մասին։ Ապա, Հայ Ազգային Միութեան փոխ-նախագահ Փրոֆ. Յ. Թ. Գայաեան [Մխիթար Պոնտացի] կը յայտարարէ` որ Միութիւնը պատրաստ է իր բովանդակ օժանդակութիւնը բերել Փոխառութեան գործին, վերաշինելու համար անկախ Հայաստանը։ Դիտել կու տայ, որ Հայ Որբախնամ Ընկերութիւնը, որ Միութեան բաղկացուցիչ տարրերէն մէկն է, երկու տարուան ընթացքին 20 հազար ոսկի գոյացուցած է որբերուն համար։ Իր պատասխան ելոյթին մէջ, Խատիսեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս ընդունելութեան համար եւ յոյս կը յայտնէ` որ այսօրուայ խանդավառ դիմաւորութիւնը վերածուի գործնական քայլերու։ Գովքը կ’ընէ Հայ Ազգային Միութեան` իբրեւ գաղութի բոլոր անդամներէն
16
կազմուած միութիւն, եւ կ’առաջարկէ` որ ան աշխատի իրականացնել ազգային տուրքը ժողովուրդին վրայ, օրինակ ունենալով Ռումանիոյ փորձը։ Կը յիշէ Ալհամպրա Թատրոնի երէկուայ դէպքը. Երէկ ես Աղեքսանդրիոյ մէջ երբ կը խօսէի Հայաստանի կացութեան եւ Ոսկիի Ֆոնտի մասին, հեղեղի պէս ամէն կողմէ զարդեղէններ սկսան տեղալ, հակառակ իմ խնդրանքիս որ այդպէս վար չնետեն որովհետեւ, կ’ըսէի, թէ մեղք են կրնայ ըլլալ որ կը կորսուին, բայց ինձ մտիկ ընող չեղաւ եւ ի վերջոյ տեսանք որ 1200 ոսկիի արժէքով զարդեղէն հաւաքուեր է։ Հանգամանօրէն կը պատմէ Ոսկի Ֆոնտի եւ Փոխառութեան իր ունեցած փորձառութիւնը Պոլսոյ, Մանչեսթըրի եւ Փարիզի մէջ։ Կը ներկայացնէ Հայաստանի կացութիւնը, վճռական ըլլալով սահմաններու ընդարձակումի նկատմամբ մինչեւ Մուշ ու Վան. Մեր երկրի սահմանները շուտով պիտի ընդարձակուին եւ մենք աշխատող ուժերու պէտք պիտի ունենանք հայրենիքը վերաշինելու համար։ Հայաստան եւ Հիւսիսային Կովկաս խռնուած գաղթականները սիրով կ’երթան եւ կը տեղաւորուին նոր գրաւուած վայրերու մէջ, եւ վստահ եմ որ մի քանի տարիէն ձեզ հետ բախտ պիտի ունենամ հանդիպելու Մուշի, Վանի կամ Երեւանի մէջ։ Բայց այս ամենին համար պէտք է ուժ տալ փոխառութեան եւ նորէն կը կրկնեմ մեր բոլոր յոյսը պէտք չէ դնել միայն հարուստների վրայ։ Ժամը 8.45-ին կը մեկնի Հայ Ազգային Միութեան կեդրոնատեղիէն40։
ՉՈՐՐՈՐԴ ՕՐ ՈՒՐԲԱԹ, 20 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920
ա. Այցելութիւն Բուրգերը Առաւօտեան կ’այցելէ Բուրգերը41։ Յետագային Խատիսեան պիտի յիշէր. Տեղական սովորութեան համաձայն ուղտերու վրայ գացինք բուրգերուն այցելութեան։ Լուսանկարուեցանք մեր անսովոր դիրքերուն մէջ, եւ մեր այդ պատկերները կը վաճառուէին բարեգործական նպատակով42։ բ. Ընդունելութիւն եւ զրոյց Հայ Ազգային Միութեան մէջ Երեկոյեան ժամը 6-ին, Գահիրէի Հայ Ազգային Միութեան մէջ տեղի կ’ունենայ պաշտօնական ընդունելութիւն ի պատիւ Խատիսեանին։ Միութեան փոխ-նախագահ Փրոֆ. Յ. Թ. Գայաեան հիւրին կը ներկայացնէ
17
Հայ Ազգային Միութեան տասը բաղկացուցիչ տարրերէն իննին պատուիրակները (կը բացակայէին Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները), թիւով մօտաւորապէս քառասուն անձ։ Խօսք առնելով, Խատիսեան փափաք կը յայտնէ որ հաւաքոյթը ունենայ մտերմական բնոյթ եւ կ’առաջարկէ որ ինք պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն։ Հարցում – Ինչո՞ւ Անկախութեան Փոխառութեան հիմքը տոլլարն է այլ ոչ անգլիական ոսկին։ Պատասխան – Որովհետեւ տոլլարը աւելի կայուն արժէք կը ներկայացնէ քան անգլիական ոսկին եւ նուազ փոփոխական է։ Բայց կարգադրած եմ, որ Եգիպտոսը մասնակցի անգլիական ոսկիով։ Հարցում – Փոխառութեան ի՞նչ բաժին նշանակուած է Եգիպտոսի համար։ Պատասխան – Ամէն գաղութ կը մասնակցի իր կարողութեան համեմատ եւ ամէն գաղութ ինքը կ’որոշէ մասնակցութեան չափը։ Հարցում – Օտար դրամագլուխներ Հայաստան մտցնելու համար ի՞նչ տրամադրութիւններ կան։ Պատասխան – Ֆինանսական առումով, մենք երկու միլիառ ռուպլիի արժէքով թղթադրամ հրապարակ հանած ենք, բայց անոր փոխարէն ոչինչ ունինք, քանի որ Հայաստան աւերակ երկիր մըն էր` կռուելով թշնամիներու չորս ճակատներու դէմ, ունենալով 700 հազար գաղթականներ։ Մենք երկու միլիառ թղթադրամ տպեցինք, որովհետեւ թուղթ չունէինք` դպրոցներուն համար տետրակներ եւ գիրքեր չկան, երկաթուղիի տոմսակները տպելու համար քարթոններ կը պակսին։ Երկու միլիառ ռուպլիի թղթադրամը մեծ բան մը չէ, եթէ նկատի ունենաք որ 1 անգլիական ոսկին կ’արժէ 8400 ռուպլի։ Մենք այդ գումարը ոչինչով ապահոված ենք, փոխարէնը ներկայացնելով պետական գոյքերը։ Այժմ կ’ուզենք այդ ռուպլիները շրջաբերութենէ քաշել բայց այդ բանը ընելու համար պէտք ունինք ուրիշ դրամի որպէսզի կարենանք փոխարժէքը վճարել։ Անկախութեան Փոխառութեան գումարին կէսը պիտի յատկացուի այդ բանին իսկ միւս կէսը պիտի կազմէ երկիրին հարստութիւնը։ Մենք ցարդ ամէն ինչ պարտքով առած ենք անորոշ ժամկէտով վճարելու պայմանով, բայց այդ դրոյթը չի կրնար այլեւս շարունակուիլ։ Ամերիկան Օգոստոս մէկէն սկսեալ այլեւս ալիւր պիտի չտայ մեզի, ինչպէս նաեւ ուրիշ երկիրներ։ Հարցում – Հողային հարցը ինչպէ՞ս կարգադրուած է։ Պատասխան – Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարած է թէ ինք ամէն կերպով պիտի պաշտպանէ օտար դրամագլուխին մուտքը Հայաստան։ Սուտ լուրեր կը տարածուին, որ իբր կառավարութիւնը գրաւած է բոլոր հողերը, հետեւաբար դրամատէրերը վստահութիւն չունին Հայաստանի կառավարութեան վրայ, վախնալով որ ան պիտի գրաւէ նաեւ իրենց կալուածները։ Սակայն
18
իրականութիւնը այն է, որ կառավարութիւնը գրաւած է միայն մշակելի հողերը եւ ձրիաբար բաժնած գիւղացիներուն, բան մը` որ գիւղացիութիւնը փրկած է թշուառութենէ։ Հայաստանի մէջ 27 խոշոր կալուածատէրեր կային, որոնցմէ 7-ը հայ, 20-ը թուրք։ Կառավարութիւնը անոնց հողերը գրաւեց եւ բաժնեց գիւղացիներուն։ Հայաստանի հողերը օտարներու պիտի տրուին 99 տարուայ կապալով, գործարաններ շինելու համար։ Զուիցերիական երեք ընկերութիւններ արդէն գործարաններ բացած են Հայաստանի մէջ։ Ամերիկացիները եւս նոյն սկզբունքով հողեր կը վերցնեն շահագործելու եւ գործարաններ հիմնելու համար։ Հայերէն` Փիթոյեան, կաշիի մեծ գործարան մը բացած է։ 22 անձեր միանալով գիւղատնտեսական գործիքներու գործարան մը բացած են։ Աւետիքեան Երեւանի մէջ գործարան մը բացած է։ Եւրոպա գտնուող Մայիլեաններ կ’ուսումնասիրեն Հայաստանի մէջ ապակիի գործարան մը բանալ։ Պետութիւնը եւս իր նախաձեռնութեամբ բացած է կօշիկի, աթոռի, զգեստեղէնի եւ այլ գործարաններ։ Հարցում – Ի՞նչ է հայկական բանակին ներկայ վիճակը։ Պատասխան – Բանակը մեր փառքն ու պատիւն է, մենք շատ բան կը պարտինք մեր բանակին եւ իր հրամանատարներուն։ Դրօն եւ Սեպուհը մեծ ազդեցութիւն ունին բանակին վրայ եւ կարեւոր դեր խաղացին վերջին պոլշեւիքեան շարժումը զսպելու գործին մէջ։ Հայաստանի կառավարութիւնը իր ծախսերուն 60 տոկոսը յատկացուցած է բանակին։ Զօրակոչուած են 19-32 տարեկան տղաքը։ Ժողովուրդին մէջ դասալիքներ չունինք, միայն հարուստները խոյս տուած են եւ ապաստանած Վրաստան։ Վերջացնելով պատասխանները, Խատիսեան կ’աւելցնէ ներգաղթի կարեւորութիւնը, քանի որ Հայաստանի մէջ կան 470 քանդուած գիւղեր իսկ Թրքահայաստանի մեզի բաժին ինկած մասը քանդուած է, եւ այս բոլորը վերականգնելու համար պէտք ունինք աշխատող բազուկներու [աշխատուժ]։ Պէտք ունինք նախ դրամի, երկրորդ` բազուկներու։ Անկախութեան Փոխառութիւնը շատ բան կրնայ փոխել։ Ելոյթը կ’աւարտէ գովքը հիւսելով եգիպտահայերուն. Սրտիս խորէն հրճուանք զգացի, երբ այսօր Միութեան պաշտօնատեղւոյն մէջ ինծի ներկայացուեցան գաղութին գրեթէ բոլոր համայնքներուն, միութիւններուն եւ կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, հակառակ որ այլուր ինձ ըսուած էր թէ Գահիրէի մէջ անհնար պիտի ըլլար ինձ մէկ Ռամկավար, մէկ Հնչակեան, մէկ Վերակազմեալ եւ մէկ Դաշնակցական քով քովի բերել մէկ յարկի տակ։ Ահա անոնք ամէնքն ալ հոս են այս պահուս, եւ մինչեւ ցարդ գործած են միասին։
19
Փրոֆ. Յ. Թ. Գայաեանի փակումի խօսքով կը վերջանայ ընդունելութիւնը43։
գ. Զեկոյց Նաւասարդ սրահին մէջ Երեկոյեան ժամը 9-ին, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Գահիրէի ենթակոմիտէի հրաւէրով, Նաւասարդ սրահին մէջ Խատիսեան երկար զեկոյց մը կու տայ Հայաստանի կացութեան եւ Դաշնակցութեան գործունէութեան մասին, որմէ ետք կը պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն։ Կը մեկնի գիշերուայ ժամը 12-ին44։
ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՕՐ ՇԱԲԱԹ, 21 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920
ա. Այցելութիւններ Շեփըրտ պանդոկին մէջ Առաւօտեան, Շեփըրտ պանդոկին մէջ, Խատիսեանին կ’այցելեն կարգ մը արուեստագէտներ, որոնք հարցումներ կը յղեն Հայաստանի արուեստին վերաբերեալ։ Ապա կ’այցելեն Հայուհեաց Միութեան Վարչութեան անդամները, որոնք ամփոփ տեղեկատուութիւն կը ներկայացնեն իրենց կազմութեան, գործունէութեան եւ հայ բանակին ղրկած նուէրներուն մասին, եւ նամակով մը կը խնդրեն Խատիսեանէն թոյլատրէ իրենց ստանձնելու Ոսկի Ֆոնտին նուէրները հաւաքելու եւ Հայաստան ղրկելու աշխատանքը։ Խատիսեան կ’ընդունի առաջարկը։ Վերջին այցելողները կ’ըլլան Որբախնամի Վարչութեան եւ Տիկնանց Յանձնախումբի անդամները, որոնք ամփոփ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն իրենց գործունէութեան մասին եւ փափաք կը յայտնեն որ կառավարութիւնը վաւերացնէ իրենց ընկերութիւնը եւ իր հովանաւորութեան եւ հսկողութեան տակ առնէ զայն։ Խատիսեան կը խոստանայ Հայաստան վերադառնալէն ետք փութացնել հովանաւորութեան վաւերագիրը45։ բ. Հանդիպում անգլիացի սպայի հետ (սկիզբ) Հանդիպումը` իր յետագայ զարգացումներով, նկարագրուած է Խատիսեանի յուշերուն մէջ.
Գահիրէ եղած միջոցիս, երրորդ օրը, ինձ զեկուցին, որ անգլիացի սպայ մը կը ցանկայ տեսնել զիս։ Բարձրահասակ, շէկ եւ հաճելի դէմքով, մօտ 23-24 տարեկան երիտասարդ մըն էր, որ դիմեց ինձ ֆրանսերէն եւ ըսաւ, թէ ականատես ըլլալով այն ընդունելութեանը (ան կ’ապրէր նոյն հիւրանոցը), զոր ինձ ցոյց տուին հայերը եւ տեղեկանալով, թէ ով եմ ես, ան կը խնդրէ վերցնել զինքը հետս Հայաստան։ Եւ աւելցուց, որ ոչ մէկ դրամական օգնութեան եւ
20
ռոճիկի կարիք ունի։ Ես հարցուցի, թէ ո՞վ է ինքը։ Ան պատասխանեց, թէ ինքը անգլիական բանակի սպայ է, ամբողջ պատերազմը անցուցեր է ճակատի վրայ Ֆրանսա, եւ այժմ զօրացրւումի հետեւանքով ազատ կը ճամբորդէ եւ նիւթապէս ապահովուած է։ «Իսկ ինչո՞ւ կ’ուզէք գալ յատկապէս Հայաստան», հարցուցի ես։ Ան պատասխանեց. «Ես կարդացի թերթերու մէջ, որ, այնտեղ պատերազմ է եւ որ հայերը անդադար կերպով կը տուժեն, իսկ ես կը սիրեմ ըլլալ հոն, ուր կան պատերազմ եւ արկածներ, եւ կ’ուզեմ ըլլալ հայերու հետ»։ Վայրկեան մը մտածելէ յետոյ ես ըսի իրեն, որ այնուամենայնիւ, չեմ գիտեր անոր ով ըլլալը, այդ պատճառով չեմ կրնար անմիջապէս համաձայնութիւն տալ։ Ան իսկոյն հասկցաւ իմ տատանման պատճառը եւ համեստութեամբ ըսաւ. «Դուք, ի հարկէ, կ’ուզէիք իմ մասիս յանձնարարական ունենալ եւ իմանալ, թէ ճի՞շդ կը խօսիմ արդեօք։ Ես կրնամ իմ մասիս վկայութիւն բերել Եգիպտոսի անգլիական բարձր քօմիսար` լորտ Ալլենբիէն եւ յետոյ պէտք է աւելցնեմ, որ հայրս Անգլիոյ ելեւմտական նախարար է Լոյտ Ճորճի նախարարութեան մէջ»։ Վերջին յայտարարութիւնը ինձ անհաւանական երեւաց, բայց եւ այնպէս համաձայնեցայ ընդունիլ անկէ լորտ Ալլենբիի վկայութիւնը։ Երիտասարդը հրաժեշտի ողջոյն տուաւ եւ հեռացաւ46։ (Շարունակութիւնը տեսնել` 22 Օգոստոս 1920։)
գ. Այցելութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գրասենեակ Ընդառաջելով հրաւէրին, կէսօրուայ ժամը 12.15-ին Խատիսեան կ’այցելէ Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գրասենեակը, ուր տեղի կ’ունենայ պատշաճ ընդունելութիւն։ Ներկայ էին` Կենդրոնական Վարչութեան, Տեղական Մասնաժողովի, Կրթական եւ Որբախնամ Յանձնախումբի, Գնմանց Յանձնախումբի, Տիկնանց Յանձնախումբի, Կեդրոնական Մթերանոցի անդամները եւ Կեդրոնական Գրասենեակի ամբողջ պաշտօնէութիւնը։ Ընդունելութիւնը կը նախագահէ Թորգոմ Եպս. Գուշակեան, իբրեւ պատուոյ անդամ Բարեգործականի։ Ան հիւրին կը մաղթէ բարի գալուստ եւ կը ներկայացնէ Բարեգործականի ծրագիրը եւ գործունէութիւնը։ Խօսքը կ’աւարտէ յայտարարելով` որ Հոկտեմբերի վերջ տեղի պիտի ունենայ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ընդհանուր ժողովը, որ պիտի զբաղի աւելի գործնական ծրագիրով օգտակար հանդիսանալու Հայաստանի վերաշինութեան գործին, որովհետեւ կանոնագիրը պատրաստուած ըլլալով Համիտի շրջանին` արտօնութիւն ձեռք բերելու համար յարմարցուած էր այն ժամանակուայ պահանջներուն։ Կէս ժամ տեւողութեամբ խօսք կ’առնէ Խատիսեան։ Կը յայտնէ` որ Բարեգործականը անծանօթ չէ իրեն, որովհետեւ տարիներ առաջ Տոքթ. Տաղաւարեան այցելած է Կովկաս` նպատակ ունենալով միացնել Կովկասի եւ Եգիպտոսի
21
Բարեգործական Միութիւնները, եւ այդ ժամանակ լայն ծանօթութիւններ ստացած է բժիշկին զեկուցումներէն եւ միասին գործակցած են գործը յաջողցնելու համար։ Կը շեշտէ այն կարեւոր ծառայութիւնները` զորս Հ.Բ.Ը.Մ. տակաւին կրնայ մատուցանել Հայաստանին։ Կ’ընէ կարգ մը գործնական թելադրութիւններ եւ կը յայտնէ ցանկութիւններ։ Պատուասիրութեան ընթացքին տեղի կ’ունենայ կարծիքներու մտերիմ փոխանակութիւն Խատիսեանի եւ ներկաներուն միջեւ։ Այստեղ կը յայտարարուի` որ Հ.Բ.Ը.Մ. կը ծրագրէ որբանոց մը բանալ Երեւանի մէջ։ Խատիսեան համամիտ գտնուելով հանդերձ այս գաղափարին, կը թելադրէ մանաւանդ բանալ արհեստանոցներ, եթէ Վարչութիւնը յօժարի։ Ինք կրնայ Հայաստանի կառավարութենէն խնդրել պատուիրակ մը ուղարկել Հոկտեմբերի ընդհանուր ժողովին, հարկ եղած տեղեկութիւնները ներկայացնելու համար47։ դ. Այցելութիւն Մելքոնեան գործարան Հ.Բ.Ը.Մ.-էն ետք կ’այցելէ Մելքոնեան գործարանը, ուր տնօրինութեան եւ գործաւորներուն կողմէ կը դիմաւորուի ջերմ ընդունելութեամբ։ Կը պտըտի գործարանին բոլոր բաժինները48։
ե. Առեւտրականներու հետ հանդիպում Շեփըրտի մէջ եւ Գահիրէի Փոխառութեան Յանձնախումբի կազմութիւն Երեկոյեան ժամը 5-ին, Շեփըրտ պանդոկի մեծ սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ հանդիպում առեւտրականներու դասին հետ (Խատիսեան կ’անուանէ «դրամատէրերու ժողով»49), ուր Խատիսեան կը զեկուցէ` նշելով դրամատիրական դասին բերելիք աջակցութեան մասին։ Տեղւոյն վրայ կը կազմուի Անկախութեան Փոխառութեան Գահիրէի Յանձնախումբը` կազմուած 22 անդամներէ եւ նախագահութեամբ Հապիպ պէյ Գառնուկի։ Յանձնախումբին իրաւասութեան մէջ կը մտնէ դուրսէն յարմար դատած անձերը անդամակից առնել իրեն։ Անդամներն են` Միհրան Ալթունեան, Տելեմաք Բարթողեան, Սենեքերիմ Եագուպեան, Երուանդ Եազըճեան, Հայկ Ինայէթեան, Պետրոս Կիրակոսեան, Տիգրան Հաճնլեան, Ճիւան Հէքիմեան, Միհրան Ղազարոսեան, Միհրան Ճիւանեան, Ժոզէֆ Մաթոսեան, Գէորգ Չագըճեան, Ճանիկ Չագըր, Յարութիւն Չայլաքեան, Միհրան Չրաքեան, Բարսեղ Պալըգճեան, Վարդան Պարծանքեան, Երուանդ Պօնճուգեան (ատենադպիր), Գրիգոր Սէֆէրեան, Կարապետ Սէֆէրեան, Բօլ Սօրկուճ եւ Արշակ Օտապաշեան։ Գահիրէի Յանձնախումբի շրջանակն է Եգիպտոսը` բացի Աղեքսանդրիայէն, որ արդէն ունի իր Յանձնախումբը50։ Յետագային այս կազմին մէջ տեղի կ’ունենան մանր փոփոխութիւններ։
22
Յանձնախումբը լիազօրուած ըլլալով նոր անդամներ ընդունելու, Օգոստոս 30-ի առաջին նիստին անդամ կ’ընդունի Կարօ Պալեան51։ Սեպտեմբեր 2-ի երկրորդ նիստին անդամ կ’ընդունի Նազարէթ Աղազարմ։ Դեր-ատենապետ կ’ընտրէ Վարդան Պարծանքեան, դեր-ատենադպիր` Նազարէթ Աղազարմ։ Իսկ Հայկ Ինայէթեան իր ուղեւորութեան պատճառով կը հրաժարի անդամակցութենէն52։
զ. Ճաշկերոյթ Շեփըրտ պանդոկին մէջ Երեկոյեան ժամը 8.30-ին, Շեփըրտ պանդոկի ճաշասրահին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ տեղի կ’ունենայ ճաշկերոյթ ի պատիւ Խատիսեանի։ Սեղանի կեդրոնը նստած էր Թորգոմ Սրբազան, աջ կողմը ունենալով Պարոն Խատիսեան, ձախ կողմը` Տիկին Խատիսեան։ Ներկայ էին կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գուզեան Գերապայծառ եւ Աւետարանական համայնքի հովիւ Վեր. Հ. Խանդամուր։ Պատրաստուած էր յատուկ ճաշացուցակ. Արգանակ Տոսպայ Արքայաձուկ Սեւանայ Հաւեղէն Տարօնայ Ծնեբեկ Արարատեան Ոչխարենի խորտիկ Գեղարքունեաց Գետնախնձոր Տուրուբերանի Աղցան Համերաշխութեան Պաղպաղակ Մասեաց Փրփրագինի Գողթան Միրգ Արտամետու Սուրճ Փարաւոնեան Յաջորդաբար բաժակաճառեր կ’արտասանեն` Թորգոմ Եպիսկոպոս, Գուզեան Գերապայծառ, Վեր. Հ. Խանդամուր, Փրոֆ. Յ. Թ. Գայաեան, Աշխէն Լալաեանց, Յովհաննէս Քարբերդեան` իբրեւ թարգման Զակազիկի, Թանթայի եւ Մանսուրայի հայութեան, Արտաշէս Նետուրեան եւ Ս. Ռ. Կուսակցութեան կողմէ Կայծակ Պօղաճեան։ Հայաստան եւ Կռունկ մեներգները կը կատարէ Գահիրէի սոխակը` Սաթենիկ Չրագեան։ Աւելի քան կէս ժամ ելոյթ կ’ունենայ Խատիսեան։ Ես միայն դրական զգացումներ չեմ բերած, կ’ըսէ, այլ բերած եմ դրական զգացումներ` հիմնուած հաստատուած իրողութիւններու եւ փաստերու վրայ,
23
զգացում` որ վերածուած է գործի։ Ինչպէ՞ս կրնամ տարբերութիւն դնել Երեւանի, Թիֆլիսի կամ Գահիրէի հայութեան զգացումներուն միջեւ. Տիկին Չրագեանի Հայաստանն ու Կռունկը շատ աւելի զգայուն եւ հմայիչ կրնան ըլլալ քան Երեւանի կատարում մը։ Միայն թէ դուք աւելի կը տարուիք զգացումէ, իսկ ես կը խօսիմ փաստերով։ Զգացումէն գործի անցնելու համար ձեզի կը մնայ կատարել մէկ քայլ։ Քառասուն տարուայ պահանջէ եւ աւելի քան մէկ միլիոն զոհէ ետք, դաւաճանութիւն է ետ կանգնիլ ձեռք բերուած անկախութենէն։ Ես համոզուած եմ, որ հայրենիքի պաշտպանութեան գաղափարը որդեգրուած է բոլորին կողմէ։ Դուք գիտէք ձեր պարտականութիւնը վերածնուող հայրենիքին նկատմամբ։ Ես չէի յուսար գտնել որեւէ հացկերոյթի մէջ որեւէ բարեգործական հաստատութեան բազմած որեւէ քաղաքական մարմինի կողքին, բայց ես կը տեսնեմ թէ ոչ միայն ամէն դասակարգի հասարակութիւն ներկայ է հոս, այլ նաեւ միութիւններ եւ ընկերութիւններ, եւ ասով դուք կու գաք ապացուցանել որ արդէն իսկ նախօրօք համերաշխ էք ի սէր ձեր հայրենիքին։ Բաժակ կ’առաջարկեմ ամբողջ հայութեան կենացը։ (Յուսաբեր) Ճաշկերոյթի աւարտին կը ձեռնարկուի Ոսկի Ֆոնտի նուիրատուութիւն.
Երեկոյթի վերջանալուն մօտ` հակառակ Տիար Խատիսեանի յայտարարութեան թէ ինք չէր ուզեր որ իր կողմէն նմանօրինակ առաջարկ մը ըլլայ, իր շուրջը գտնուողները սկսան նուիրատուութեան տարափ մը ի նպաստ Ոսկի Ֆօնտին. եւ ահա չորս կողմէն սկսան տեղալ ոսկիներու զարդեղէններ, ադամանդակուռ մատանիներ, ապարանջաններ եւն. եւ կէս ժամ չանցած արդէն 350 ոսկիէն աւելի գումար մը հաւաքուած էր։ (Արեւ) Կէս գիշերը կէս ժամ անցած կը մեկնին ներկաները53։
ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՕՐ ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920
ա. Հանդիպում անգլիացի սպայի հետ (շարունակութիւն) (Սկիզբը տեսնել` 21 Օգոստոս 1920։) Խատիսեան կը շարունակէ.
Միւս օր առաւօտեան [22 Օգոստոս 1920] ան նորէն եկաւ մօտս` բերելով լորտ Ալլենբիէն գրաւոր վկայութիւն, որ կը հաստատէր անոր բոլոր ըսածները։ Այն ժամանակ հաճութեամբ համաձայնութիւն տուի անոր խնդրին եւ տեսակցութիւն նշանակեցի անոր
24
մէկ ամիս յետոյ, Պոլիս, Թոքաթլեան հիւրանոցը։ Եւ, իսկապէս, մէկ ամիս յետոյ ես գտայ զինք Պոլսոյ այդ հիւրանոցը։ Ան գնաց Հայաստան։ Այնուհետեւ իր արկածալից պատմութիւնը յայտնի է իր գրքէն, որ թարգմանուեցաւ Հայրենիքի մէջ։ 1921 թ. գարնանը ան հասաւ Փարիզ, արձանագրուեցաւ անդամ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, եղաւ Լօզան` Խորհրդաժողովին, ուր շատ օգնեց իր կապերով, յետոյ դարձաւ Բանուորական Կուսակցութեան անդամ եւ 1924 թ. քուէարկուեցաւ խորհրդարանի պատգամաւորութեան համար։ Վերջերս ան գրեց գիրք մը Կօնեց վերնագրով, որ նուիրուած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան, 1921 թ. Հայաստանի Փետրուարեան Ապստամբութեան յիշատակին54։ բ. Հոգեհանգստեան պաշտօն Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ Առաւօտեան ժամը 9-ին, Գահիրէի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն ազգին ընդհանուր նահատակներուն համար, որուն ներկայ կը գտնուի Խատիսեան55։
գ. Մեծ հաւաքոյթ Քոզմոկրաֆ սրահին մէջ Առաւօտեան ժամը 10-ին արդէն չորս հազար մարդ լեցուցած էր Գահիրէի Ամերիկեան Սինեմա Քոզմոկրաֆ (Cinema American Cosmograph) սրահը, ներկայ գտնուելու պատմական հաւաքոյթին Խատիսեանի հետ։ Ժամը 10.40-ին կը հասնի Խատիսեան եւ ժողովուրդը հինգ վայրկեան որոտընդոստ ծափերով կը թնդացնէ սրահը։ Գառնուկ ֆանֆառը կը նուագէ Բամ փորոտանը։ Խատիսեան սրահին մէջէն բեմ կը բարձրանայ առաջնորդութեամբ Առաջնորդ Հօր եւ կարգադիր յանձնախումբին։ Ժողովուրդը յոտընկայս կ’ունկընդրէ Մեր հայրենիքը Գառնուկ ֆանֆառի կատարումով։ Թորգոմ Սրբազանի կարճ բացումի խօսքին կը յաջորդէ Խատիսեանին ճառը շուրջ մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ, ուր «իր հուժկու շեշտերով, առինքնող արտայայտութեամբ` տիրեց ամբողջ ներկաներուն վրայ» (Արեւ)։ Տանջուած բայց հպարտ, տառապած բայց հերոսական հայրենիքին նուիրւած հայրենասիրական եւ տրամադրութիւնը բարձրացնող նախաբանէ ետք, կ’անցնի բացատրութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու։ Մենք միշտ հաւատարիմ մնացինք մեր դաշնակիցներուն։ Պալքանեան պատերազմին ժամանակ մէջտեղ դրինք մեր ազատագրութեան հարցը, բայց չուզեցին լսել մեզի։ Համաշխարհային Պատերազմին հայ ժողովուրդը իր բոլոր ուժերը ի սպաս դրաւ դաշնակիցներուն, մեր անկախութիւնը ձեռք բերելու երազով տարուած։ Թիֆլիսի մէջ կազմուեցաւ Ազգային Բիւրօն` որուն նախագահն էի ես, եւ ձեռնարկուեցաւ կամաւորական գունդերու կազմակերպութեան, որոնք գրաւեցին Պայազիտը, Վանը, Մուշը, Էրզրումը, Խնուսը, Երզնկան, Բաբերդը, եւ այլն։ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն ու Ս. Դ. Հնչակեանները ներգրաւուեցան
25
կամաւորական շարժումներու մէջ, յոյս ունենալով որ պատերազմի աւարտին ունենային անկախացած երկիր։ Արտասահմանի մէջ կազմուեցաւ Արեւելեան Լէգէոնը եւ տեղի ունեցաւ Արարայի դիւցազնամարտը։ Հակառակ այս բոլորին, երբ Ռուսաստան քաշուեցաւ ասպարէզէն եւ Կովկասի միւս ազգերը մեր դէմ դաւաճանեցան, մենք մնացինք մինակ, եւ միայն մեր կռիւի ջանքերով կերտեցինք մեր անկախութիւնը։ Հայ-թրքական յարաբերութեան եւ պայմանագրութեան մասին կ’ըսէ. Երբ ես Պոլիս Թալէաթին եւ Էնվէրին հետ կը բանակցէի [Յունիս 1918, Հ.Ա.], հարցուցի թէ ինչո՞ւ կոտորեցին հայերը, անոնք ինձ պատասխանեցին թէ` հայերը դաւաճանեցին մեզի դէմ եւ մենք ալ աշխատեցանք բնաջնջել հայ ցեղը, բայց այսօր տեսանք որ հայ ժողովուրդը վճռեր է մեռնիլ, բայց երբէք անձնատուր ըլլալ` այն համոզման եկանք, որ եթէ հարիւր հայեր ալ մնան աշխարհի երեսին` զէնքը վար չեն դներ, ուստի որոշած ենք ճանչնալ իրենց անկախութեան իրաւունքը եւ մենք 1918 Յունիս հինգին հաշտութեան դաշինք կնքեցինք թուրքերուն հետ։ Մենք չենք կարող միշտ թշնամի մնալ թուրքերուն հետ, որովհետեւ խաղաղութեան օրերուն կուլտուրական ժողովուրդներ կ’ուզեն ազատ ապրիլ իրենց երկրի սահմաններուն մէջ եւ նուիրուիլ իրենց երկրի վերաշինութեան եւ վերազարթնումին։ (Յուսաբեր)
Անկախութենէն ի վեր Հայաստանի տարածքը 8 անգամ ընդարձակուեցաւ` Կարս, Ղարաբաղ, Զանգեզուր, Սուրմալու, Նախիջեւան, Ջուլֆա։ Վաղը պիտի մտնենք Վան, Բաղէշ, Մուշ, Էրզրում, եւ այլն։ Բայց ասիկա ընելու համար պէտք ունինք զօրացնելու բանակը, որ մինչեւ հիմա երբեք իր դրօշը թշնամիին չէ յանձնած։ Այսօր մեր բանակը աշխարհի լաւագոյն բանակներէն մէկն է (որոտընդոստ ծափեր)։ (Յուսաբեր)
Խատիսեան կը թուէ վերջին երկու տարիները Հայաստանին օգնող երկու երկիրները։ Ամերիկայի օժանդակութեան շնորհիւ հայ ժողովուրդը մահէ ազատեցաւ։ Անգլիան օժանդակեց ռազմանիւթերով եւ աջակցեցաւ մեր դատին։ Մշակոյթի ոլորտին մէջ կառավարութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ, յատկապէս դպրոցական եւ կրթական խնդիրներու շուրջ։ Երկու տարի առաջ արդարութիւն չկար բնաւ Հայաստանի մէջ, մինչդեռ այսօր ան ծածկուած է դատարաններով։ Հայերէն լեզուն դարձած է պարտաւորիչ։ Հարուստ է Հայաստանը։ Ունի ամենաազնիւ բամպակ, աղի հանքերը աշխարհի ամենահարուստ աղի հանքերէն են, կան հիանալի անտառներ,
26
գիւղատնտեսական առումով Հայաստանի հողամասը, գինին, քոնեաքը, միրգերը առաջնակարգ դիրք կրնան գրաւել։ Կարսի նահանգին մէջ այժմ կան 100 հազար գերաններ` պատրաստ շէնքեր շինելու եւ արտահանելու համար։ Նահանգը կ’արտահանէ նաեւ կարագ, պանիր, անասուններ, եւ այլն։ Գոյութիւն ունեցող ջրային ուժով կրնանք ելեքտրական անսպառ ուժ ունենալ երկաթուղիներոուն եւ լուսաւորութեան համար։ Մենք միաժամանակ կը վերաշինենք եւ կը կռուինք, եւ այս պատճառով պէտք ունինք գաղութներու օժանդակութեան։ Շուտով Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը դնէ Հայաստանի սահմանները եւ մենք մեր բանակին շնորհիւ կը տիրանանք մեր երկրին։ Դիւանագիտութիւնը առանց բանակի ծիծաղելի արուեստ մըն է, հետեւաբար ամէն կերպով մենք ստիպուած ենք մտածել մեր բանակի մասին եւ զօրացնել զայն։ (Յուսաբեր)
Հայ-վրացական պատերազմին պատճառը վրացիներն էին, որոնք կ’ուզէին մեզմէ խլել Լոռին եւ Բորչալուն, բայց հայ ժողովուրդը կռուելով ոչ մէկ թիզ հող զիջեցաւ անոնց։ Ազըրպէյճան կը պահանջէր Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը` քարիւղի փոխարէն, բայց մենք հոն եւս յաղթանակ տարինք։ Պայքարեցանք նաեւ ներքին թշնամիի դէմ` Կարսի, Նախիջեւանի, ՊէօյիւքՎէտիի, Զանգիպասարի թուրքերուն եւ թաթարներուն, որոնք ապստամբեցան մեր դէմ, բայց այսօր իրենց հնազանդութիւնը յայտնած են Հանրապետութեան։ Խատիսեան բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Խորհրդարանի կազմին, նախարարական կազմին եւ ապագային գումարուելիք Սահմանադրական Ժողովին մասին։ Ապա թուեց հայութեան պարտականութիւնը հայրենիքին հանդէպ եւ կոչ ըրաւ մասնակցիլ Անկախութեան Փոխառութեան։ Այս պահուն, Թորգոմ Սրբազանի հրաւէրով, ներկաները յոտընկայս եւ ձեռամբարձ խոստացան մասնակցիլ Փոխառութեան։ Խատիսեան կը յայտնէ որ կազմուած է Փոխառութեան Գահիրէի յանձնախումբը, որուն նախագահ ընտրուած է Հապիպ պէյ Գառնուկ։ Կը ներկայացնէ Հայաստան հասած արտաքին օգնութիւնը, Ամերիկայի եւ Անգլիոյ ունեցած դերերը մեր ազատագրութեան մէջ եւ Յունաստանի վարչապետ Վենիզելոսի աջակցութիւնները եւ բանակին ըրած նուէրները։ Կը հաղորդէ` որ Հայաստանի մէջ հիմնուած է Ոսկի Ֆոնտ մը։ Երկու օր առաջ, երբ Աղեքսանդրիոյ մէջ խօսեցաւ ասոր մասին, սկսան տեղալ նուէրները։ Այս նպատակին համար նուէրներ հաւաքելը լիազօրած եմ Հայուհեաց Միութեան։ Յուսաբեր կը նկարագրէ շարունակութիւնը.
27
Հազիւ թէ այս խօսքերը արտասանուած էին եւ ահա ծայր տալ սկսան նուիրատուութիւնները։ Ամէն կողմէ նուէրներ կը տեղային, կիներ, աղջիկներ, երիտասարդներ, իրենց զարդեղէնները եւ դրամները կը ղրկէին բեմը, ուրկէ Պ. Մ. Չրաքեան կը կարդար նուիրատուներու անուններն ու նուէրին քանակը կամ որակը եւ Առաջնորդ Հայրը կ’արձանագրէր նուիրատուներուն անունները։ Ժամը 1-ին, Առաջնորդ Հայրը յայտնեց թէ ժամանակը շատ ուշ ըլլալուն, նուիրատուներու մէկ մասին անունները չպիտի կարենան կարդալ, բայց ցանկը թերթերուն մէջ պիտի հրատարակուի։ Նախնական տուեալներով, նուէրներուն ընդհանուր արժէքը կ’ըլլայ 4500 ե.ո., բացի տակաւին չգնահատուած զանազան գոհարեղէններէ։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն, Խատիսեան կը մեկնի երկարատեւ եւ խանդավառ ծափահարութիւններու մէջէն56։ Խատիսեան իր յուշերուն մէջ այսօրուայ հաւաքոյթը պիտի համարէր Եգիպտոս այցելութեան կիզակէտը.
Ծրագրիս կեդրոնական կէտը իմ զեկուցումն էր որ կայացաւ Կոլիզէ [իմա` Քոզմոկրաֆ, Հ.Ա.] շարժապատկերի թատրոնի ահագին դահլիճին մէջ, որ կը տեղաւորէր քանի մը հազար մարդ։ Թատրոնը չափէն դուրս լեցուն էր։ Չնայած Օգոստոս ամսու «ափրիկեան շոգերուն», քանի մը հազար մարդ երեք ժամ լսեց զեկուցումը, եւ բուռն կերպով ծափահարեց. վերջն ալ ուղղակի անձրեւի պէս սեղանի վրայ թափուեցան նուիրատուութիւններ Ոսկի Ֆոնտի օգտին։ Կանոնաւոր շարքերով կ’անցնէին կանայք, տղամարդիկ, երախաներ եւ սեղանի վրայ կը դնէին ժամացոյցներ, մատանիներ, ադամանդներ, ոսկեայ շղթաներ, դրամներ։ Եգիպտոսի թեմական առաջնորդ Թորգոմ եպիսկոպոս հանեց իր մատէն զմրուխտ մատանին եւ դրաւ սեղանին վրայ [մատանին Ոսկի Ֆոնտին նուիրուած է Աղեքսանդրիոյ Ալհամպրայի հաւաքոյթին, Հ.Ա.]։ Մուտքի մօտ կանգնած էին շարքերով սկաուտներ եւ տղաներ շեփորներով։ Ամբոխը ուժգնօրէն կը ծափահարէր ամէն անգամ, երբ յիշատակութիւն կ’ըլլար հայկական բանակի, Հայաստանի սահմաններու եւ անոր հերոսներու ու մարտիրոսներու մասին։ Իսկական ժողովրդական հանդէս մըն էր, որու միջոցին միացեր էին բոլոր հայ կուսակցութիւնները անխտիր57։ դ. Թէյասեղան Հայկական Ակումբին մէջ Ժամը 5-ին, Գահիրէի Հայկական Ակումբը թէյասեղան կը կազմակերպէ ի պատիւ Խատիսեանին։ Ներկայ էին երեք յարանուանութիւններուն պետերը եւ Գահիրէի կարկառուն դէմքերը իրենց ընտանիքներով։ Սրահին նախագահը Միհրան Ղազարոսեան բարի գալուստ կը մաղթէ հիւրին եւ կը յայտնէ բոլորին ուրախութիւնը զինքը վայելելու բաղդը ունենալնուն համար։ Կը մաղթէ, որ ժողովուրդի տարբեր խաւերուն եւ հոսանքներուն մէջ
28
յառաջ եկած համերաշխական զգացումները տեւական դառնան։ Խատիսեան խօսք առնելով, կը յայտնէ որ ինք եւս Երեւանի Հայկական քլիւպին նախագահն է եւ կը բացատրէ գաղութներուն մէջ քլիւպներուն բարերար դերը զարգացական եւ ընկերային տեսակէտէ։ Սրահին նախագահը ոտքի ելլելով կը յայտարարէ` թէ Խատիսեան ընդունուած է Գահիրէի Հայկական Սրահի պատուոյ անդամ, աւելցնելով` որ սրահը 100 ոսկիով կը մասնակցի Ոսկի Ֆոնտին։ Փոխադարձաբար, Խատիսեան խօսք առնելով կը յայտարարէ` թէ իբրեւ Երեւանի Հայկական Քլիւպի նախագահ, Քլիւպի պատուոյ անդամ կ’ընտրէ Մ. Ղազարեանը։ Խօսք կ’առնէ Առաջնորդ Թորգոմ Սրբազան, որ պարզելէ ետք Գահիրէի Հայկական Սրահին օգտակարութիւնը, յոյս կը յայտնէ` որ Փոխառութեան գործին մէջ ան ալ մեծ դեր կատարէ։ Սաթենիկ Չրագեան կը մեներգէ Հայաստանը եւ Հայկանոյշ Պալեան կը կատարէ դաշնակի մենանուագ մը։ Զուարթութեան եւ կենացներու մտերիմ մթնոլորտի մէջ, ժամը 7.30-ին Տէր եւ Տիկին Խատիսեան կը մեկնին սրահէն58։
ե. Ընդունելութիւն Ռամկավար Ակումբին մէջ Ժամը 8.30-ին, Գահիրէի Սահմանական Ռամկավար ակումբին մէջ տեղի կ’ունենայ ընդունելութիւն-պատուասիրութիւն ի պատիւ Խատիսեանին։ Երեկոյթը կը նախագահէ Զակազիկի Ռամկավար Ակումբին նախագահը` Յովհաննէս Քարբերդեան։ Բարի գալուստի խօսքերէն ետք կը գործադրուի յայտագիրը։ Տիկ. Յակոբեան կը մեներգէ Հայաստանը, ջութակի ելոյթ կ’ունենայ Գ. Քէօլէեան եւ կ’երգէ Գեղարուեստասիրաց Միութեան երգչախումբը։ Ռամկավար Կուսակցութեան կողմէ երկար հայրենասիրական ուղերձ մը կը կարդայ Թ. Սէտէֆճեան։ Կարգը կու գայ Խատիսեանին։ Մենք նկատած ենք, կ’ըսէ, որ Ռամկավար Կուսակցութեան մէջ խոր համոզում կայ միացեալ եւ անկախ Հայաստանի հանդէպ։ Այս խօսքս պէտք չէ զարմացնէ ձեզի, որովհետեւ Կովկասի մէջ կան կուսակցութիւններ [ԷսԷռ], որոնք նոյնիսկ Խորհրդարանին մէջ հակառակ կ’արտայայտուին անկախութեան գաղափարին։ Ուզեցինք այդպիսիները վտարել, բայց այս քայլը անսահմանադրական ըլլալուն որոշեցինք չգործադրել։ Հայաստանի սահմաններուն մէջ չգործող կուսակցութիւն մը իրաւունք չունի իր պահանջները ունենալու Կովկասի մէջ, օրինակ Հնչակեանները, որոնք այնտեղ չունին կոմիտէ եւ գործունէութիւն։ Մինչդեռ ես գիտեմ Ռամկավար ականաւոր գործիչներ որոնք կը գործեն Երեւանի մէջ։
29
Ռամկավար Կուսակցութիւնն ու Յեղափոխականները միացեալ եւ անկախ Հայաստանի գաղափարին առումով կը հետապնդեն միեւնոյն նպատակը բայց տարբեր միջոցներով։ Ուշի ուշով հետեւելով Կիլիկիոյ վերջին դէպքերը, կրնամ ըսել որ Ռամկավար Կուսակցութիւնը իրապէս ցոյց տուաւ յեղափոխական ոգի։ Մեր կառավարութեան թերութիւններէն մէկը այն է` որ չունինք տաճկահայ նախարար։ Բայց պէտք է ըսել, որ մենք գրեցինք Նորատունկեանի, Մարտիկեանի եւ ուրիշներու, որոնք չընդունեցին գալ այստեղ եւ մէկ ու կէս անգլիական ոսկիով նախարարական պաշտօն ստանձնել։ Ըսեմ նաեւ, որ մենք գրեցինք նաեւ տաճկահայ Դաշնակցականներու, որոնք պատասխանեցին թէ պատրաստ չեն։ Թերութիւններէն մէկն ալ այն է, որ մեր Խորհրդարանը չի ներկայացներ ժողովուրդը, քանի որ կազմուած է մեծաւ մասամբ Դաշնակցականներէ։ Մենք կը ցաւինք որ Ռամկավարները, զանազան պատճառներով, հրաժարած են մասնակցիլ ընտրութեան։ Բայց ձեզի կ’ըսեմ, որ երբ Տաճկահայաստանը գրաւուի, ներկայ Խորհրդարանը լուծուած պիտի հռչակուի եւ տեղի պիտի ունենան նոր եւ ամբողջական ընտրութիւններ։ Մենք Հանրապետութեան նախագահ չունինք, որովհետեւ տակաւին չենք գիտեր ինչ տեսակ Սահմանադրութիւն պիտի ըլլայ մերինը։ Ասիկա պիտի որոշուի, երբ կազմուի Սահմանադիր Ժողովը։ Չենք գիտեր թէ ամերիկեան հանրապետակա՞ն թէ ֆրանսական ձեւը պիտի որդեգրուի։ Ներկայիս, կառավարութեան նախագահը եւ Խորհրդարանին նախագահը կը ներկայացնեն Վերին Իշխանութիւնը։ Ապա Քարբերդեան կը յայտնէ` որ Գահիրէի Ռամկավարները ի նպաստ Ոսկի Ֆոնտին Խատիսեանին կը յանձնեն 30 եգիպ. ոսկի։ Խատիսեան անմիջապէս կ’ուղեւորուի դէպի կայարան59։
զ. Մեկնում Գահիրէէն դէպի Աղեքսանդրիա Գիշերուայ ժամը 11.30-ի գնացքով Տէր եւ Տիկին Խատիսեան կը մեկնին Գահիրէէն դէպի Աղեքսանդրիա, ուղեկցութեամբ Թորգոմ Սրբազանի։ Ողջերթ մաղթելու համար կայարան կ’երթան պաշտօնական մարմիններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 400-ի հասնող բազմութիւն մը60։
ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՕՐ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 23 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920
ա. Թանթա Օգոստոս 23-ին, Գահիրէէն դէպի Աղեքսանդրիա ուղեւորուող Խատիսեանի գնացքը ժամը 2-ին (կէս գիշերէն ետք) 5 վայրկեան կանգ կ’առնէ Թանթա
30
կայարանը։ Թանթայի հայ գաղութը գրեթէ ամբողջութեամբ գացած էր կայարան իր վերջին յարգանքը մատուցելու Խատիսեանին։ Դժբախտաբար, անհնար կ’ըլլայ տենել զինք, քանի որ անհանգստութեան հետեւանքով կը ննջէր։ «Ցաւ եղաւ մեզ ամենուս համար առանց զինք տեսնելու հեռանալնիս», կը նշէ Երուանդ Թօգաթլեան։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ Թօգաթլեան պարտականութիւն ստանձնած էր Խատիսեանին ուղեկցիլ մինչեւ Աղեքսանդրիա եւ յանձնել Ոսկի Ֆոնտի Թանթայի ծրարը։ Խատիսեան կը խնդրէ Թօգաթլեանէն զինք հանդիպիլ Սաւոյ պանդոկին մէջ61։
բ. Ժամանում Աղեքսանդրիա Առաւօտեան ժամը 5.30-ին, Տէր եւ Տիկին Խատիսեան եւ Թորգոմ Սրբազան Գահիրէէն երկաթուղիով կը հասնին Աղեքսանդրիոյ կայարանը, որոնց դիմաւորելու եկած էին պաշտօնական եւ անպաշտօն անձեր։ Հիւրերը ուղղակի կ’առաջնորդուին Սաւոյ պանդոկ62։
գ. Հանդիպում Երուանդ Թօգաթլեանի հետ Սաւոյ պանդոկին մէջ Երուանդ Թօգաթլեան կ’երթայ Խատիսեանի սենեակը Սաւոյ պանդոկին մէջ, ուր կ’ունենայ 45 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում մը։ Պանդոկին մէջ Խատիսեանին կը գտնէ անկողինի մէջ` արդիւնք իր անհանգստութեան եւ յոգնութեան։ Խատիսեան մեծ գոհունակութեամբ կ’ընդունի ծրարը եւ Տէր եւ Տիկին Խատիսեան, ժպտուն ու զուարթ, իրենց ցաւը կը յայտնեն Թանթայի գաղութին հետ վերստին տեսնելու անկարելիութեան մատնուած ըլլալնուն համար եւ կը խնդրեն Թօգաթլեանէն իրենց շնորհակալութիւններն ու ողջոյնները փոխանցել գաղութին63։
դ. Գրիգոր Մելքոնեանի հոգեհանգիստի արարողութիւն Առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Խատիսեանի փափաքին հիման վրայ, տեղի կ’ունենայ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ հանգուցեալ բարերար Գրիգոր Մելքոնեանի գերեզմանին վրայ։ Խատիսեանին կը շրջապատէին պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ բաւականաչափ ժողովուրդ64։
ե. Այցելութիւն Աննա Ենովքեանի արհեստանոցը Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք կ’այցելէ Տիկ. Աննա Ենովքեանի արհեստանոցը, ուր կը դիտէ հայուհիներու ձեռքով գործուած նուրբ ձեռագործներ։ Խատիսեան կը յայտնէ իր սքանչացումը եւ կը շնորհաւորէ Տիկ. Ենովքեանը այս անհատական նախաձեռնութեան համար, ուր հայ աղջիկները բարոյալից մթնոլորտի մէջ կը յղկեն իրենց ճաշակը, միեւնոյն ժամանակ ապահովելով
31
եկամուտ մը։ Կոչ կ’ընէ բոլորին նոյնօրինակ հաստատութիւններ հիմնել Հայաստանի մէջ, յատկապէս որբանոցներու մատակարարութիւնը ապահովելու համար65։ Խատիսեան մէկ ժամ կը մնայ արհեստանոցը, որուն մասնաւոր յուշատետրին մէջ կը գրէ հետեւեալ գնահատական տողերը. Խորին ուրախութեամբ եւ հրճուանքով այցելեցի ամենայարգելի Տիկ. Ենովքեանի գործատուն-ուսումնարանը։ Այդպիսի ազգասէր ձեռնարկ կարող է ծառայել իբրեւ օրինակ ուրիշների համար, որոնք ուզում են նպաստել մեր սիրելի հայրենիքի վերաշինութեան վեհ եւ մեծ պատմական գործին։ Կեցցե՛ն Տիկ. եւ Պ. Ենովքեաններ, կեցցէ՛ նրանց գործը եւ կեցցե՛ն աշակերտուհիները։ Ես կը ցանկայի անպայման տեսնել Տիկ. եւ Պ. Ենովքեան Հայաստանում եւ կ’ուզենայի, որ նրանց աշակերտուհիները դառնան Հայաստանում վարժուհիներ66։ Անհանգստութեան պատճառով, Տիկին Խատիսեան չէր կրցած այցելել արհեստանոցը։ Իր փափաքով, երեկոյեան ժամը 5-ին Սաւոյ պանդոկին մէջ կ’ընդունի Տէր եւ Տիկին Ենովքեանի այցելութիւնը։ Տիկ. Ենովքեանի խնդրանքով, Տիկ. Խատիսեան իբրեւ յիշատակ կ’ընդունի քանի մը ձեռագործներ67։
զ. Ճաշ Տէլէմաք Թիւթիւնճեանի բնակարանը Կը ճաշէ Մեթր Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեանի բնակարանը, ուր բացի ընտանիքի անդամներէն, սեղանակից էին Տէր եւ Տիկին Յակոբ Փափազեան, Տիկիններ Գալֆաեան խան, Նետուրեան եւ Ֆիշէնկճեան68։
է. Այցելութիւն Ֆուատ Ա. թագաւորին Տէլէմաք Թիւթիւնճեանի ընկերակցութեամբ, Խատիսեան կ’այցելէ Եգիպտոսի եւ Սուտանի թագաւոր (1917-էն` Սուլթան) Ֆուատ Ա.ին, Աղեքսանդրիոյ ապարանքին մէջ։ Արեւ պիտի հաղորդէր` որ տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է թագաւորին խնդրանքով։ Բայց Խատիսեան իր յուշերուն մէջ պիտի արձանագրէր` որ իր խնդրանքով է որ տեղի ունեցած է հանդիպումը։ Թագաւորը կը խօսի Եգիպտոսի մէջ հայերուն մատուցած ծառայութիւններուն մասին, յիշատակելով Նուպարը, Եուսուֆ պէյը, Տիգրան եւ Արթին փաշաները եւ վեր կը հանէ եգիպտահայութեան հաւատարմութիւնը (loyalisme) հանդէպ վեհապետական տան եւ եգիպտական կառավարութեան։ Կը գովէ հայերը իբր օժտուած ցեղ։ Թագաւորը կ’ըսէ` որ Հայաստան երեք բաներու պէտք ունի. 1. Ազատ նաւահանգիստ, 2 դրացի երկիրներու հետ բարեկամական խաղաղ յարաբերու-
32
թիւններ, 3. դրամ։ Դուք ձեր ազատութիւնը ձեռք բերելու համար ցարդ կարմիր նիւթ (արիւն) վատնեցիք, այժմ ժամանակն է որ վատնէք դեղին նիւթ (ոսկի)։ Փոխառութեան համար նախատեսուած 20 միլիոն տոլլարը քիչ կը գտնէ, դիտել տալով որ Եգիպտոսի մէջ կան հայեր, որոնք օրական միայն 3000 ոսկի տուրք կը վճարեն եգիպտական կառավարութեան։ Փափաք կը յայտնէ տեսնել առեւտրական կանոնաւոր յարաբերութիւններ Եգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ։ Անդրադառնալով դիւանագիտական ներկայացուցիչի հարցին, կը յայտնէ թէ ուրախ պիտի ըլլայ Հայաստանի հիւպատոսը տեսնել Եգիպտոսի մէջ, եւ կը յուսայ որ այդ մասին պէտք եղած կարգադրութիւնները լրանան շուտով։ Այցելութիւնը կը տեւէ շուրջ մէկ ժամ69։ Խատիսեան պիտի յիշէր այս այցելութիւնը. Ֆուատ թագաւորին ըրած իմ այցելութիւնը կը կրէր միանգամայն պաշտօնական բնոյթ։ Ես ցանկութիւն յայտնեցի այցելութիւն մ’ընելու իրեն, եւ անմիջապէս մօտս եկաւ թագաւորի առաջին պալատական պաշտօնեան եւ անոր անունով խնդրեց նշանակել ինձ համար յարմար ժամանակ այցելութեան համար։ Ես խնդրեցի նշանակել հետեւեալ օրը ժամը 12ին։ Պալատ գացի պր. Տէլէմաք Թիւթիւնճեանի ուղեկցութեամբ։ Ֆուատ թագաւորը մօտ 40 տարեկան մարդ էր, հաճելի եւրոպական դէմքով, հիանալի կը խօսէր ֆրանսերէն։ Ան արտայայտեց իր կատարեալ գոհութիւնը հայկական պետութեան կազմուելու առթիւ, մանրամասն հարցուփորձ ըրաւ անոր դրութեան եւ կարիքներու մասին, միեւնոյն ժամանակ մեծ գովասանքով խօսեցաւ Եգիպտոս բնակող հայերու մասին։ Երկար խօսեցաւ իր հայրենիքի եւ մասնաւորապէս այն մասին, թէ որքան դժուար է ազգայնացնել Եգիպտոսի վարչութիւնը, քանի որ փոքրաթիւ է բարձրագոյն կրթութիւն ստացած երիտասարդ եգիպտացիներու քանակը։ Ան կը գտնէր, որ այդ ապագայի համար, եբր բոլոր պաշտօնները կարելի կ’ըլլայ տալ արաբներուն, պէտք է դեռ սպասել տասը տարի եւս։ Հարցուց մեր դրօշակի գոյներու մասին եւ երբ իմացաւ, սրամտօրէն նկատեց. «Ես այսպէս կը հասկնամ այդ գոյները. կարմիր գոյնի արիւնով դուք ձեռք էք բերած ձեր անկախութիւնը, եւ որպէսզի Վանի կապոյտ երկինքը լոյս սփռէ քաղաքակրթուած եւ ազատ Հայաստանի վրայ, հարկաւոր է նարնջագոյն առարկայ, այսինքն` ոսկի-դրամ»։ Բարօրութիւն մաղթելով Եգիպտոսին եւ նոյնպիսի բարեմաղթութիւններ ստանալով Հայաստանի համար` ես հեռացայ պալատէն70։ ը. Ընդունելութիւն Սահմանական Ռամկավար Ակումբին մէջ Ժամը 3-ին, Աղեքսանդրիոյ Հայ Ռամկավար Ակումբին սրահը լեցուած էր Ռամկավար եւ համակիր բազմութեամբ, ներկայ գտնուելու Խատիսեանին ի պատիւ սարքուած ընդունելութիւն-հաւաքոյթին։ Թագաւորին այցելութեան պատճառով ուշացումով մուտք կը գործէ Խատիսեան եւ յոտընկայս ծափահարութիւններու ընդմէջէն իր տեղը կը գրաւէ Թորգոմ Սրբազանին քով։
33
Ակումբին անունով Յակոբ Փափազեան կ’արտասանէ հակիրճ ուղերձ մը, որմէ ետք խօսք կ’առնէ հիւրը։ Տեղեկութիւններ կու տայ Ն. Բ. Սուլթանին հետ ունեցած տեսակցութեան մասին։ Իմ ճանապարհորդութեանս նպատակը եղած է, կ’ըսէ, միութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատել ազգի զանազան հոսանքներուն միջեւ` որպէսզի կարելի ըլլայ անկէ քաղել հայրենիքի բարգաւաճումին եւ բարօրութեան տունկը։ Հոս գտնուած միջոցիս դուք խոստումներ տուիք ինծի, ես խոստումներ ըրի ձեզի։ Պէտք է փոխադարձաբար կատարենք մեր յանձնառութիւնները։ Դուք, իբրեւ քաղաքացի, պարտականութիւններ չունիք միայն այլեւ իրաւունքներ։ Ճշմարիտ քաղաքացի կազմելու համար անհրաժեշտ է պարտականութիւններու եւ իրաւունքներու առողջ ըմբռնումը։ Պարտք կը համարիմ հոս յայտարարել հրապարակաւ որ ես կը գնահատեմ Ռամկավար Կուսակցութիւնը իբրեւ Հայկական Պետութեան, ազգային անկախութեան սերտիւ փարած, սրտագին նուիրուած կուսակցութիւն մը։ Նա դուրս է եկել հայութեան, հայ ժողովրդի խորքից, եւ այլասերուած չէ, խորթացած չէ, ինչպէս են ուրիշ տարրեր, օրինակ Սօցեալիստ Յեղափոխականները [ԷսԷռ, Հ.Ա.], եւլն։
Ճիշդ է որ Ռամկավար Կուսակցութիւնը յաճախ կը քննադատէ մեր կառավարութիւնը` ելլելով զուտ ազգայնական տեսակէտէ։ Ռամկավար մամուլի եւ թրքահայ գրողներու ճնշումին տակ, մենք սկսանք տակաւ սրբագրել մեր թերութիւնները եւ այսօր Հայաստանի պետական վարչութեան հայացումը արագութեամբ յառաջ կը տարուի։ Օրինակ, ճամբուած են հայերէն չգիտցող պաշտօնեաները։ Յառաջիկայ աշնան տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանական եւ կառավարական կազմերու փոփոխութիւն, քանի որ անոնք չեն ներկայացներ ամբողջ ժողովուրդին կամքը։ Կարսի հայերը, Հայաստան եկած հայերը, Ժողովրդական եւ Ռամկավար Կուսակցութիւնները չեն մասնակցած խորհրդարանի ընտրութիւններուն։ Տակաւին կան գրաւուելիք Տաճկահայաստանի հայերը։ Կայ թրքահայերու եւ ռուսահայերու խառնուածքներու, բարքերու եւ հայեացքներու տարբերութեան հարցը, որոնց ձուլումը կը կարօտի տարիներու։ Ձեզմէ` Ռամկավարներէդ, այն որ հնարաւորութիւն ունի Եգիպտոսը ձգելու, պէտք է գայ Հայաստան եւ խառնուի անոր կեանքին։ Պէտք չէ խրտչիլ նիւթական դժուարութիւններէն։ Պէտք է յայտնաբերել զոհողութեան ոգի։ Մեր երկիրը աղքատ է, յատկապէս մշակութային գործիչներով։ Պէտք ունինք բժիշկներու, ճարտարագէտներու, ուսուցիչներու եւ ամէն տեսակ մասնագէտներու։
34
Կը խօսի դրամագլուխի անհրաժեշտութեան մասին, վստահեցնելով` որ Հայաստան չի կրնար ընկերվարական երկիր դառնալ, քանի որ տակաւին դրամատիրութիւնը չէ հաստատուած. Մեր երկիրը մեծապէս պէտք ունի նաեւ դրամագլուխի. Հայաստանի Կառավարութիւնը կը հրաւիրէ դրամատէրները, մեծ industrielները գալ աշխատիլ, արդիւնագործել Հայաստանի մէջ։ Դրամագլուխը պէտք է կատարէ իր անհրաժեշտ ու խիստ կարեւոր դերը։ Մի ըսէ՛ք թէ այսօրուան կառավարութիւնը կը գտնուի Դաշնակցականներու Ընկերվարականներու ձեռքը, եւ մի երկնչի՛ք այդ բանէն։ Մեր երկրին մէջ սօցիալիզմը չի կրնար հող գտնել, չի կրնար կիրարկուիլ քանի որ հոն քաբիթալիզմ չկայ, բաւական ծիծաղելի բան պիտի ըլլար պայքարիլ բանի մը դէմ որ տակաւին գոյութիւն չունի։ Նոյն իսկ որպէսզի ապագային ընկերվարութիւնը գործունէութեան իրական գետին գտնէ Հայաստանի մէջ հարկաւոր է որ դրամատիրութիւն հաստատուի եւ զարգանայ հոն։ (Արեւ)
Ի տարբերութիւն յեղափոխական կուսակցութիւններէն, Ռամկավարները` իբրեւ պուրժուաներ, ունին շատ դրամագլուխ.
Ռամկավար Կուսակցութեան պուռժուա դասակարգին մէջ կայ շատ դրամագլուխ. իսկ Յեղափոխական Կուսակցութիւններուն մէջ չկայ. ու մենք հրաւէր կը կարդանք այդ դրամագլխին մտնելու մեր երկիրը, աներկիւղ։ Այո՛, պէտք չէ վախնալ որ օրին մէկը Յեղափոխական Ընկերվարականները այնքան զօրաւոր կը դառնան որ ի վիճակի կ’ըլլան կիրարկելու իրենց Մարքսեան վարդապետութիւնները։ Եթէ երբեք գայ այդ օրը, անիկա պիտի գայ միաժամանակ բոլոր ազգերու համար, եւ այն ատեն հայ դրամատէրը ո՞ւր պիտի փախցնէր կամ թաքցնէր իր ինչքը։ Եւ յետոյ ո՞վ կրնայ նախատեսել ապագան. Ռամկավար Կուսակցութիւնը իրաւունք ունի ակնկալելու որ օր մը ինք կը վաստկի ձայներու մեծամասնութիւն եւ իշխանութիւնը ձեռք կ’անցընէ։ (Արեւ)
Ծափահարութիւններու մէջէն Խատիսեան կը մեկնի Առաջնորդ Սրբազանին հետ, բանախօսելու համար Ալհամպրայի մէջ71։
թ. Ալհամպրա Թատրոնի երկրորդ դասախօսութիւնը Ժամը 5-ին, յոտընկայս ծափերու եւ կեցցէներու մէջ Խատիսեան մուտք կը գործէ Աղեքսանդրիոյ Ալհամպրա Թատրոնը։ Իրեն կ’ընկերանան Թորգոմ Սրբազան եւ ազգային պաշտօնական անձնաւորութիւններ։ Նախ ելոյթ կ’ունենայ Տէլէմաք Թիւթիւնճեան։ Կը նկարագրէ առաւօտեան հանդիպումը Ֆուատ Ա. թագաւորին հետ։ Որմէ ետք գովեստը կ’ընէ Խատիսեանին եւ ակնարկելով անոր Եգիպտոս այցելութեան յառաջ բերած ժողովրդային խանդավառութիւնը, կը հրաւիրէ ներկաները շարունակել Ոսկի Ֆոնտի գործը, անձամբ ինքը բանալով նուիրատուութեան ցանկը եւ նուիրելով 100
35
եգիպտական ոսկի։ Արձագանգը կ’ըլլայ անմիջական եւ մէկ ու կէս ժամուայ ընթացքին Որբախնամի զոյգ մը խոշոր գանձանակները կը լեցուին ոսկեղէն եւ գոհարեղէն զարդերով, ոսկեդրամներով եւ պանքնոթերով, որոնք բոլորն ալ պաշտօնապէս կ’արձանագրուին նուիրատուներու անուններով։ Բացի այդ, Կարապետ Մելքոնեան կը նուիրէ 500 ոսկի, Ս. Ռ. Կուսակցութեան Աղեքսանդրիոյ ակումբը` 50 ե.ո., Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան տեղական մասնաճիւղը` 40, Հայ Ակումբը` 100, Հայուհեաց Յառաջդիմասէրը` 50, Հայ Ռազմիկներու Դեղօրէից Առաքման Միութիւնը` 50, Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութիւնը` 50, Հայ Յառաջդիմասէր Երիտասարդ Ընկերակցութիւնը` 40, Սեբաստիոյ Սենեքերիմեան Միութիւնը` 5, Կամքի եւ Հայ Արիներու Ընկերակցութիւնը` 5։ Թիւթիւնճեան կը յայտարարէ` որ զարդեղէնները պիտի գնահատուին ոսկերիչներու յանձնախումբի մը կողմէ եւ աճուրդի պիտի հանուին յառաջիկայ Կիրակի առաւօտեան ժամը 10.30-ին եկեղեցիին բակը։ Կարճ ելոյթ մը կ’ունենայ Յակոբ Փափազեան, քաջալերելով մասնակցիլ 20 միլիոն տոլլարի Փոխառութեան։ Վերջապէս, Խատիսեան կ’արտասանէ իր վերջին ճառը Եգիպտոսի մէջ։ Արեւ կը նկարագրէ. Ան դարձեալ ելեկտրականացուց հասարակութիւնը եւ զայն կարելի է ըսել թէ վերածեց խանդավառութեան թրթռուն գործիքի մը, որուն ամէն անգամ հպելուն` ծափահարութիւնները ինքնին կ’արձակուէին կարծես։ Խատիսեան գովքը կ’ընէ եգիպտահայ գաղութին. Ես այս անգամ քիչ մը տարբեր պիտի խօսիմ ձեզի. իմ տրամադրութիւններս այսօր չեն ինչ որ էին անցեալ անգամ, երբ առաջին անգամ խօսեցայ ձեզի. ես ան ատեն ձեզ չէի ճանչնար տակաւին. ձեր մէջէն կը ճանչնայի միայն Թորգոմ Սրբազանը, զոր 7 տարիներ առաջ պատիւն ունեցած էի ճանչնալու Թիֆլիսի մէջ, կաթողիկոսական ընտրութեան ժամանակ։ Իսկ այս եօթն օրուան ընթացքին մօտէն շփում ունեցայ ձեր գաղութին բոլոր հոսանքներուն եւ խաւերուն հետ. ես ստացայ ձեր անվերապահ համակրանքի արտայայտութիւնները թէ՛ Ռամկավարներէ, թէ՛ Դաշնակցականներէ, թէ՛ Հնչակեաններէ, թէ՛ չէզոքներէ ինչպէս ազգային իշխանութիւններէ, զանազան մարմիններէ, միութիւններէ եւլն։ Համակրանքի, յարգանքի, խանդավառութեան բոլոր այդ փառաւոր ցոյցերը որ շռայլուեցան, բոլոր այդ հանդէսները, ճաշկերոյթները, թէյասեղանները, համերգները ի հարկէ իմ անձիս համար, ի պատիւ ինծի չէին որ սարքուեցան, քանի որ ոչ ոք կը ճանչնար զիս անձամբ. բոլոր այդ պատիւները կ’ուղղուէին Հայաստանի վարչապետին ու լիազօրին, Հայկական Հանրապետութեան ներկայացուցչին։ (Արեւ)
36
Այժմ արդէն վստահ եմ` որ Հայաստանը մինակ չէ։ Ինչպէս բոլոր հայկական կեդրոնները, հոս ալ գոյութիւն ունին կուսակցութիւններ` որոնք կը պայքարին իրարու դէմ։ Բայց ասիկա բնական երեւոյթ է, օրէնք է։ Մարդիկ ընդհանրապէս կը պայքարին միջոցներու մասին, բայց յաճախ կը մոռնան նպատակը, որուն պատճառով պայքարը կը մոլորի։ Կատարեալ անկեղծութեամբ կը յայտարարեմ, որ Փոխառութեան շուրջ հոս չտեսայ պայքար կամ հակառակութիւն ո՛չ միջոցներու եւ ո՛չ ալ նպատակի մասին, որ արդիւնքն է քաղաքացիական հասունութեան եւ առողջ հայրենասիրութեան։ Դրուատանքը կ’ընէ Թորգոմ Սրբազանին` իր ընծայած թանկագին աջակցութեան համար։ Կը վստահեցնէ` որ «ո՛չ մի ղրուշ, ո՛չ մի մատանի չի կորսուիր»։ Բոլոր նուէրները պիտի վերածուին անգլիական ոսկիի եւ փոխադրուին Երեւան։ Կը խօսի Հայ Ռազմիկներու Դեղօրէից Յանձնախումբին օգտակար գործունէութեան մասին։ Սքանչացում կը յայտնէ Աննա Ենովքեանի արհեստանոցին։ Գովեստով կը յիշէ Աղեքսանդրիոյ մարմնամարզի տաղանդաւոր երիտասարդ ուսուցիչ Ստեփան Խանճեանին, որ որոշած է հաստատուիլ Հայաստան եւ նուիրուիլ նոր սերունդի ֆիզիքական դաստիարակութեան գործին։ Ամփոփումը կ’ընէ Ֆուատ Ա.-ի հետ ունեցած հանդիպումին։ Կոչ կ’ուղղէ հասարակութեան մասնակցելու Փոխառութեան։ Դիւրութեան համար որոշուած է վճարումները ընել անգլիական ոսկիով։ Խօսք կ’առնեն` Թորգոմ Սրբազան, Տէլէմաք Թիւթիւնճեան, կրթական գործիչ Հ. Երամեան, Տ. Ղեւոնդ քհնյ.։ Վերջաւորութեան, թենոր Վրթանէս Երամեան կը մեներգէ Ձայն տո՛ւր ով ծովակը, որմէ ետք Հայ Արիներու նուագախումբը կը նուագէ Տալուորիկը։ Ժամը 8-ին Խատիսեան կը մեկնի սրահէն։ Ժողովուրդը կը հետեւի իրեն մինչեւ Սաւոյ պանդոկը72։
ՈՒԹԵՐՈՐԴ ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 24 ՕԳՈՍՏՈՍ 1920
Մեկնում Եգիպտոսէն Առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Տէր եւ Տիկին Խատիսեան կը հասնին Աղեքսանդրիոյ նաւահանգիստը եւ կեցցէներու տակ կը մտնեն շոգեմակոյկ` նաւ երթալու համար։ Տիկին Խատիսեանին կը նուիրուին բազմաթիւ հաստատութիւններէ եւ անձերէ ծաղկեփունջեր։ Բազում նաւակներով բազմաթիւ անձեր կ’երթան մինչեւ նաւ, ուր սանդուխին
37
գլուխը Տէր եւ Տիկին Խատիսեանին կը դիմաւորէ նաւապետը։ Ողջերթի համար քարափ կու գան Թորգոմ Սրբազան` Տէր Ղեւոնդ քահանայի հետ, կաթողիկէ հայոց առաջնորդական փոխանորդ Հայր Յովսէփ վրդ. Քաջունի` Ժան Փէմփէճեանի հետ, Աղեքսանդրիոյ Ազգային Իշխանութեան կողմէ` Անանեանց պէյ, Թիւթիւնճեան պէյ, Վահագն Ազնաւորեան, Գէորգ Ճիէրճեան, Յ. Կարապետեան եւ Տէր եւ Տիկին Յակոբ Փափազեան, Գահիրէի Ազգային Իշխանութեան կողմէ` Պ. Պօնճուքեան, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններու եւ զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անհամար բազմութիւն մը։ Նաւուն մէջ Խատիսեանին կը յանձնուի Ոսկի Ֆոնտէն 2642 անգլիական ոսկի։ Աղեքսանդրիոյ, Թանթայի եւ Գահիրէի ոսկեղէններուն եւ ապառիկ նուիրատըւութիւններուն գումարը կը հասնի մօտ 1520 ոսկիի։ Այս գումարէն դուրս կը մնան զանազան անձերու եւ հաստատութիւններու տուած խոշոր նուէրները։ Նաւուն վրայ կը յայտնուի Տիկին Խատիսեան` ողջունելու նաւակներով ծփացող բազմութեան։ Ձեռքը բռնած էր եռագոյն ժապաւէնով ծաղկեփունջ, ինչպէս նաեւ Գահիրէի Հայուհեաց Միութեան նուիրած դրօշակը։ Հայուհեացը մետաքսեայ եւ արծաթաձող իւղաներկ հայկական այս դրօշակը նուիրած էր Տէր եւ Տիկին Խատիսեանին` իրենց Գահիրէ ժամանումին օրը։ Պատուիրակին անունին սկզբնատառերը գրած էր ծանօթ նկարիչ Երուանդ Տէմիրճեան, իսկ արծաթ նիզակը պատրաստած էր յայտնի ոսկերիչ Կ. Արիֆեան։ Կէսօրուայ ժամը 12-ին, հոլանտական Նեփթինիւս շոգենաւը կը շարժի դէպի Փիրէա73։ Ահաւասիկ Խատիսեանի յուշերը. Օգոստոսի քսաններուն ես նստայ շոգենաւ եւ ուղեւորուեցայ Փիրէ, Յունաստան։ Ինձ ճանապարհ դրին մեծ պատուով, բեռնաւորեցին Հայաստանի համար հաւաքուած գումարներով (աւելի քան երկու հազար եգիպտական ֆունտ) եւ նուէրներով` զանազան հիմնարկութիւններու համար74։
ՅՈՒՍԱԲԵՐ ԵՒ ԱՐԵՒ Կ’ԱՄՓՈՓԵՆ
Յուսաբեր իր առաջնորդող յօդուածով կը շարունակէ մնալ տրամադրութեան կիզակէտին մէջ. Անոր սրտաբաց պատգամին առջեւ պսակուած գտնուեցան մեր երազները, ոսկի յոյսերը, հաւատագեղ ակնկալութիւնները։ Վարանումներ, եթէ կային, թերահաւատութիւններ, եթէ երբեմն գոյացեր էին, իսկոյն տեղի տուին վեհաշուք իրականութեան ճաճանչագեղ լոյսին։ Ամէնքը, պէտք է ըսել ի պատիւ եգիպտահայութեան, անխտիր ամէնքը, ունեցան մէ՛կ յուզում,
38
մէ՛կ մտածում, մէ՛կ ուխտ, իրենց հոգիներուն խորանին մէջ – արժանաւոր զաւակը հանդիսանալ նորազատ եւ անկախ Մայր Հայաստանի։ Երկի՜ցս օրհնեալ ուխտ, երի՜ցս օրհնեալ զաւակ, երջանի՜կ Հայաստան։ Կ’աւարտէ հրամայականով. Ոչ ոք կրնայ ինքզինք ազատ կացուցանել Անկախութեան Փոխառութեան իրաւունքէն եւ պարտականութենէն։ Ամէն հաշիւ, ամէն ճղճիմ նկատում մէկդի դրած, եկէ՛ք ուխտենք այնուհետեւ մեր բովանդակ ուժերովը ծառայել մեր Հայրենիքին, մեր Պետութեան75։ Իր խմբագիր Միքայէլ Կիւրճեանի գրիչով, Արեւ կ’առաջարկէ ինքնամփոփուիլ. Այժմ որ տակաւ հանդարտելու վրայ է խանդավառութեան այն ուժգին տենդը զոր ապրեցանք օրերով` իր ներկայութեան եւ խօսքին կրկնազօր ազդեցութեան ներքեւ, ժամանակը եկած է ինքնամփոփուելու, իջնելու` մենէ իւրաքանչիւրը` իր խղճմտանքին խորը որոնելու համար ինչ որ ձգեց հոն տեւական եւ խորունկ` անցքը Հայաստանի լիազօր առաքեալին, որ «զհայրենեաց ասաց մեզ բան», այնպէս ինչպէս ամենէն հայրենաշունչ քերթողը չպիտի կարենար ընել։ Խատիսեան ջնջեց անջրպետը մեր եւ հայրենիքին միջեւ. Անիկա, իր խօսքին մոգական ազդեցութեամբը, ջնջեց գոգցես անհուն անջրպետը որ մեզ կը բաժնէր հայրենիքէն, եւ մեզի տուաւ ապրիլ ամբողջ շաբաթ մը, անոր անցեալ ու ներկայ կեանքը, տուաւ մեզի բաբախել անոր յուզումները, անոր ցաւերն եւ ուրախութիւնները, անոր երկիւղներն եւ յոյսերը։ Տեսանք, իր Բանին հզօր պատկերացումին շնորհիւ, տեսանք, այո՛, մեր հեռաւոր աներեւոյթ հայրենիքը` իր հզօր իրականութեանը մէջ, կազմուած ստուերներէ եւ լոյսերէ, աղեխարշ թշուառութեան եւ երկրպագելի դիւցազնութեան իր երկու երեսներովը76։ Հիմա արդէն ժամանակն է գործելու. Ճառերով, ծափերով, «Կեցցէ՛»-ներով, խանդավառութեան խօսքերովը եւ շարժուձեւերովը միայն չի սիրուիր հայրենիքը. անոնք կը ցնդին կ’երթան ու վա՜յ եթէ անոնք երթան առանց իրենց ետին ձգելու արգաւանդ ու տեւական գործը որով միայն պիտի ապացուցուէր անոնց անկեղծութիւնը։ Այդ գործին ժամն է որ հնչած է այժմ եգիպտահայութեան համար77։
39
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Ի՞ՆՉ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը հասկնալու լաւագոյն աղբիւրը կը հանդիսանայ Մեթր Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեանի բացատրութիւնը` զոր տուած է 1920 Սեպտեմբեր 26-ի առաւօտեան, Աղեքսանդրիոյ եղեղեցիի շրջաբակին մէջ։ Անանուն թղթակիցի մը սղագրութիւնը այսպէս կը ներկայացնէ Թիւթիւնճեանի խօսքը. Ըսաւ, փոխառութիւնները ցարդ երկու ձեւով եղած են Եւրոպայի մէջ, առաջին ձեւն այն է որ կառավարութիւնը փոխառութիւնը կ’որոշէ եւ ապա զայն կ’իրականացնէ սէնտիքաներու միջոցաւ, վճարելով անոնց խոշոր միջնորդչէքեր եւ կամ ծախելով անոնց փոխառութեան ամբողջ բումարին վրայ հարիւրին սաչափ զեղչով, երկու պարագային ալ պետութիւնը մեծկակ գումար մը ստիպուած է կորսնցնելու, յօգուտ մասնաւոր անձերու կամ սէնտիքաներու։ Երկրորդ ձեւն է գլուխ գլխի փոխառութիւն` շատ երկար, երբեմն ալ անորոշ ժամանակաւ։ Արձանագրուողը իր տուած գումարին համար որքան որ հարիւրին երեք տոկոսը կը ստանայ մինչեւ այն ատեն, երբ վճարածը ամբողջովին ետ կ’առնէ, բայց պզտիկ հաշիւ մը ընելով պիտի տեսնուի որ փոխ արուած գումարը 20-30 տարիէն, յաճախ աւելի ուշ, վերադարձուելով պայմանաժամի տեւողութեան համեմատութեամբ դրամագլխին արժէքը եւ տարեկան տոկոսին սակը կը պակսի, այնպէս որ հարիւր ոսկի տուողը երեսուն տարի յետոյ, ըստ երեւոյթին հարիւր, բայց ըստ վաճառականական հաշուի ութսուն ոսկի է որ ետ կ’առնէ։ Վերջերս մինչեւ հարիւրին վեց տոկոսով փոխառութիւն մը հրապարակ հանուեցաւ Ֆրանսայի կողմէ, բայց ըստ որում վերադարձուելու պայմանաժամը անորոշ է, ուստի շատ աննշան տարբերութեամբ հաշիւը նոյն է վերինին հետ։ Վերոյիշեալ երկու-երեք ձեւի փոխառութիւնները ուրեմն, տնտեսապէս աւելի նպաստաւոր են կառավարութեան ոչ թէ ժողովրդին, եւ սէնտիքաներուն ոչ թէ Պետութեան։ Մեր փոխառութիւնը սակայն բոլորովին այլ պատկեր կը ներկայացնէ։ Նախ պետութիւնը ինքն է որ զանազան չվճարուած մարմիններու կամ անձերու միջոցաւ պիտի իրականացնէ զայն։ Այս կերպով մէյ մը շահած կ’ըլլայ այն բոլոր գումարը, օրինակ կէսէն մէկ միլիոնը, զոր այլապէս ստիպուած պիտի թողուր սէնտիքաներու, երկրորդ` փոխանակ հարիւրին երեքի, կը վճարէ վեց տոկոս, եւ երրորդ` հինգ տարի վերջ, այսինքն 1925-ին արդէն կը սկսի վճարել տարեկան մէկ միլիոն ոսկիի հաշուով իր փոխ առած գումարը, այնպէս որ մինչեւ 1930` ամբողջովին ետ դարձուցած կ’ըլլայ այսօր մեզմէ իր ստացած 20 միլիոն տոլարը, որ ըսել է հինգ միլիոն անգլիական ոսկի, ոչ միայն առանց որեւէ զեղչի, այլ այսքան կարճ միջոցուան համար իսկ հարիւրին վեց տոկոս վճարելով հանդերձ։ Վաճառականական հաշուով այս փոխառութիւնը միւսներու հետ համեմատելով շատ օրինաւոր եւ շահաւոր է,
40
բան մը զոր կը խոստովանին թէ հայ եւ թէ ոչ-հայ ելեւմտագէտները78։ Ապա Թիւթիւնճեան կը փորձէ բացատրել փոխառութեան համար անհրաժեշտ երաշխաւորութեան հարցը. Անշուշտ կան մարդիկ որ հարցնեն – փոխառութեան ըսելիք չկայ, ինչո՞վ երաշխաւորուած է այն սակայն։ Այս հարցումին պատասխանելէ առաջ պէտք է յայտնել թէ պետական փոխառութիւնները միշտ երաշխաւորուած եղած են պետական որեւէ եկամուտի աղբիւրով։ Օրինակ սէնտիքայի մը ծախուած է 100 միլիոնի փոխառութիւն` կանխիկ ստացուելով 80 միլիոն։ Սէնտիքան 20 միլիոն շահ ունի թէեւ, բայց միանգամայն ստացած է իբրեւ երաշխաւորութիւն այդ փոխառութեան` հանքի մը, նաւահանգիստի մը, երկաթուղագծի մը, կամ մի ուրիշ պետական եկամուտի շահագործման արտօնութիւն, եւ շատ անգամ այս կարգի արտօնութիւնները այնքան տգիտաբար կը դառնան որ պետութիւնը կ’առաջնորդեն դէպի տնտեսական ստրկութիւն։ Մեր պետութիւնը` իբրեւ բոլորովին ժողովրդական կազմակերպութիւն, ի՞նչ պիտի տար ինքն իրեն` իբրեւ երաշխաւորութիւն, եթէ ոչ իր բոլոր ունեցածը։ Ժողովուրդէն դրամ փոխ կ’առնէ անոր աւերակները շինելու, անոր զաւակաց համար կրթարաններ հաստատելու, հաղորդակցութեան ճամբաները կանոնաւորելու, երկրի մշակութեան անհրաժեշտ գործիքներ եւլն. գնելու, իսկ մէկ հինգերորդով ալ զինելու եւ հագուեցնելու Մայր Երկրի բռնագրաւուած հողամասերը եւ անոնց կտրիճ բանակը, եւ ահա ժողովուրդի դրամով ժողովուրդի կենսական պէտքերը հոգացուելէն յետոյ, փոխատու հասարակութեան իբրեւ երկրորդ շօշափելի շահ, իր տուած գումարը նոյնութեամբ տոկոսով հանդերձ ետ կը տրուի տասը տարի վերջ։ Պետութիւնը ուրեմն ի՞նչ երաշխաւորութիւն կրնար տալ աւելի քան վերաշինուած հայրենիքի եւ գրաւուելիք հողամասերու, առանց բացառութեան բոլոր հարստութիւնները։ Ահա թէ ինչու կ’ըսենք որ Հանրապետութեան այս փոխառութիւնը լաւ մտածուած եւ լաւագոյնս երաշխաւորուած ձեւով հրապարակ դրուած է79։ Երաշխաւորական կողմը, անշուշտ, հայրենասիրութենէ անդին շատ քիչ կ’անցնի։
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ՆԻՍՏԵՐԸ
Խատիսեանի մեկնումէն անմիջապէս ետք, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Փոխառութեան Յանձնախումբերը կ’անցնին գործնական աշխատանքի։ Կը կազմուի նաեւ Թանթայի տեղական մասնախումբը` Յովսէփ Ամպարեան (ատենապետ), Երուանդ Թօքաթլեան (ատենադպիր), Գառնիկ Աւագեան (գանձապետ), Գրիգոր Գազազեան (հաշուեքննիչ) եւ Արթին Մարգարեան (հաշուեքննիչ)80։
41
Գահիրէի Յանձնախումբը Հայկական Սրահին մէջ կը սկսի գումարել իր նիստերը շաբաթը երկու անգամ` Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի. Ա. նիստ` Երկուշաբթի, 30 Օգոստոս81։ Բ. նիստ` Հինգշաբթի, 2 Սեպտեմբեր82։ Գ. նիստ` Երկուշաբթի, 6 Սեպտեմբեր83։ Դ. նիստ` Հինգշաբթի, 9 Սեպտեմբեր։ Ե. նիստ` Երկուշաբթի, 13 Սեպտեմբեր84։ Զ. նիստ` Հինգշաբթի, 16 Սեպտեմբեր85։ Նիստերը կը շարունակուին։ Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբը կը սկսի գումարել իր նիստերը. Ա. նիստ` Ուրբաթ, 3 Սեպտեմբեր, ներկայութեամբ Գահիրէի Յանձնախումբի երեք անձերէ կազմուած պատուիրակութեան86։ Բ. նիստ` Ուրբաթ, 10 Սեպտեմբեր, ներկայութեամբ Գահիրէի Յանձնախումբի պատուիրակութեան։ Գ. նիստ` Շաբաթ, 11 Սեպտեմբեր, ներկայութեամբ Գահիրէի Յանձնախումբի պատուիրակութեան։ Դ. նիստ` Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր, ներկայութեամբ Գահիրէի Յանձնախումբի պատուիրակութեան87։
ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՊԱՆՔԻՆ ՀԵՏ
Տէլէմաք Թիւթիւնճեանն է որ փոխառութեան համար կ’ընտրէ Օսմանեան Պանքը (Ottoman Bank) եւ բանակցութիւններ կը վարէ անոր հետ, որուն համաձայն կը գտնուին Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբերը88։ Փոխառութիւնները պիտի ըլլան անգլիական ոսկիով։ Կ’որոշուի Սեպտեմբեր 26-ը հռչակել Փոխառութեան տօն եգիպտահայութեան համար եւ Գալուստեան Ազգային Վարժարանին բակը կազմակերպուած հանդիսութեամբ սկսիլ փոխառութիւնը։ Նախնական տուեալներով, վճարումները պիտի ըլլան չորս անգամէն, հետեւեալ ժամանակացոյցով. Ա. վճարում` 26 Սեպտեմբեր – 2 Հոկտեմբեր, 22,5 եգ. ղրշ. Բ. վճարում` 24-30 Հոկտեմբեր, 25 եգ. ղրշ. Գ. վճարում` 28 Նոյեմբեր – 4 Դեկտեմբեր, 25 եգ. ղրշ. Դ. վճարում` 26-31 Դեկտեմբեր, 25 եգ. ղրշ. Գումար ողջ 97,5 եգ. ղրշ., որ կը ներկայացնէ 1 անգլիական ոսկիի արժէքը89։ Աւելի ուշ, յարմար կը դատուի սահմանեալ օրերուն մէջ փոքր փոփոխութիւն մտցնել, որպէսզի ամէն անգամ սկսին ամսուայ 26-ին.
42
Ա. վճարում` 26 Սեպտեմբեր – 2 Հոկտեմբեր Բ. վճարում` 26 Հոկտեմբեր – 2 Նոյեմբեր Գ. վճարում` 26 Նոյեմբեր – 2 Դեկտեմբեր Դ. վճարում` 26-31 Դեկտեմբեր90։ Պարտաթուղթերը պիտի ըլլան 2, 5, 10, 20, 100, 200 անգլիական ոսկինոց։ Յանձնախումբերը եւ կոմիտէները պիտի ստորագրեն տրուած առժամեայ ընկալագիրները եւ գանձուած դրամները հաշիւներով պիտի ղրկեն Օսմանեան Պանք։ Թէ՛ ընկալագիրները եւ թէ՛ Պանքին տուածները, վճարումները ամբոջանալէն ետք, պիտի փոխանակուին Հայաստանի Հանրապետութեան Ելումուտքի Նախարարին ստորագրած Փոխառութեան բուն մուրհակներուն հետ, որոնց արժէքները պիտի կեդրոնանան Հայ Պետական Գանձարանը91։ Ենթադրուած էր, որ Սեպտեմբեր 26-ի հանդիսութենէն ետք, փոխառութեան ստորագրութիւնները եւ դրամներուն գանձումները շարունակուին վերը նշանակուած օրերուն` Հայոց Պէնի Սուրէնի եւ Տահէրի Առաջնորդարաններուն, Ազգային Միութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հայկական Սրահի գրասենեակներուն մէջ։ Փափաքողները կրնան ուղղակի դիմել Օսմանեան Պանք եւ արձանագրուիլ Փոխառութեան92։ Փոխառութեան արձանագրութիւններուն համար նշանակուած առաջին օրը` Սեպտեմբեր 26-ը կը յետաձգուի անորոշ ժամանակով93։ Ապա կը յայտարարուի, որ չեղեալ է Օսմանեան Պանքին հետ եղած նախնական համաձայնութիւնը։
ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՊԱՆՔ Տ’ԱԹԷՆԻ ՀԵՏ
Յայտնի չէ թէ ինչու ծրագիրը Օսմանեան Պանքին հետ կը խափանուի։ 1920 Սեպտեմբեր 21-ին, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբերը նամակ կը գրեն Պանք տ’Աթէնին, Փոխառութիւնը անոր միջոցով իրականացնելու խնդրանքով։ Հոկտեմբեր 6-ին կը ստանան հաստատական պատասխան94։ Կը յայտարարուի` որ Փոխառութեան Ա. վճարումը պիտի սկսի Կիրակի, Հոկտեմբեր 10-ին եւ տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 17, Պանք տ’Աթէնքի միջոցով95։ Յետոյ Ա. վճարումին վերջին ժամկէտը կ’երկարաձգուի մինչեւ Հոկտեմբեր 3196։ Մինչեւ Հոկտեմբեր 31 միանուագ վճարողը պիտի ստանայ երեք ոսկիի տոկոս 100 ոսկիի համար97։ Ա. վճարումին վերջին ժամկէտը կրկին կը յետաձգուի մինչեւ Նոյեմբեր 998։ Գահիրէի մէջ արձանագրութեան բացումի հանդիսութիւնը կը կայանայ Հոկտեմբեր 10-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Գալուստեան Ազգային
43
Վարժարանին բակը, նախագահութեամբ Թորգոմ Սրբազանի։ Ճառերէ ետք կը սկսին արձանագրութիւնները99։ Աղեքսանդրիոյ մէջ բացումի հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենայ Հոկտեմբեր 10ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին եկեղեցիին բակը, նախագահութեամբ Արհ. Գուզեան Գերապայծառի։ Տեղի կ’ունենան ճառեր։ Ապա 10 կամաւոր գրագիրներ յանձնարարութեան թուղթերը կը լեցնեն, որմէ ետք յատուկ պատրաստուած ուրիշ 10 կիշէներ կը կատարեն արձանագրութիւններուն գանձումները։ Այդ օրը կ’արձանագրուին 120 ազգայիններ եւ ընդհանուր գումարը կը հասնի 4096 անգլիական ոսկիի100։ Արձանագրութիւնները կը շարունակուին Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Ազգային Առաջնորդարաններուն մէջ101։ Գահիրէի մէջ, Պէնի Սուրէնի եւ Տահէրի Առաջնորդարաններէն զատ, կարելի է արձանագրուիլ նաեւ հետեւեալ վայրերը` Հայ Ազգային Միութեան գրասենեակ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գրասենեակ եւ Հայկական Սրահ, ամէն օր, երեկոյեան ժամը 3-6102։ Պանքէն դուրս, հայկական միութիւններուն մէջ արձանագրուողները կը ստանան թուղթէ «ժըթօններ», որոնց հիման վրայ այդ միութիւններուն միջոցով պիտի ստանան Պանք տ’Աթէնի ստացագիրները103։ Փափաքողները ուղղակիօրէն կ’արձանագրուին Պանք տ’Աթէնի Եգիպտոսի որեւէ մասնաճիւղի մէջ։ Փոխառութեան հանդիսութիւններ եւ արձանագրութիւններ կ’իրականացնեն Զակազիկի104, Թանթայի105 (երկուքն ալ Գահիրէի Փոխառութեան Յանձնախումբի իրաւասութեան տակ գտնուող) եւ Խարթումի106 (Աղեքսանդրիոյ Փոխառութեան Յանձնախումբի իրաւասութեան տակ գտնուող) գաղութները։ Փոխառութեան գործընթացքը յառաջ մղելու համար, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ տեղի կ’ունենան բազմաթիւ հանդիպումներ, ձեռնարկներ եւ բանախօսութիւններ, կը կազմուին ենթամասնախումբեր, Յուսաբեր եւ Արեւ կը ստորագրեն խիստ ոգեւորող յօդուածներ։ Բ. վճարումը տեղի կ’ունենայ Հոկտեմբեր 10-31-ին։ Արձանագրութիւններուն համար` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Ազգային Առաջնորդարանները107։ Կը յայտարարուի` որ Աղեքսանդրիոյ մէջ, բայց Առաջնորդարանէն, կարելի է արձանագրուիլ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը, Հայ Երիտասարդաց Միութեան, Հայ Յառաջդիմասէր Երիտ. Միութեան ակումբները, ինչպէս նաեւ արհեստակինցերու յատուկ յանձնախումբերու ձեռքով108։
ՓՈԽԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՅՆԱՑՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
1920 Նոյեմբեր 29 – Դեկտեմբեր 2 դէպքերէն ետք, բնականաբար, Հայաստանի
44
Անկախութեան Փոխառութիւնը նախ պիտի տատանում ապրէր եւ ապա ջնջուէր։ Հետաքրքրական է ամբողջութեամբ կարդալ Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի Փոխառութեան Յանձնախումբերուն Դեկտեմբերի վերջաւորութեան համատեղ պաշտօնական յայտարարութիւնը, ուր կարծէք տակաւին բան մը չէ փոխուած. Ինչպէս որ արդէն ծանուցուած է, Հ. Հ. Լիազօր պատուիրակ Տիար Ա. Խատիսեանի տուած գրաւոր հրահանգին համաձայն, Կեդր. Յանձնաժողովներս համաձայնած ենք Պանք տ’Աթէնի հետ, որպէսզի սոյն դրամատան Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մասնաճիւղերը վճարեն ուղղակի իր մօտ եւ Յանձնաժողովներուն միջոցաւ արձանագրուած գումարներուն առաջին վեցամսեայ տոկոսները, որով Հ. Հ. Կառավարութիւնը ժամանակ կ’ունենայ ապահովելու յետագայ տոկոսներու սպասարկութիւնը։ Յայտնի է որ ամբողջութեամբ վճարուած գումարներու առաջին վեցամսեայ տոկոսը պահանջելի է 1921 Յունուար 2-ին եւ կը վճարուի առաջին կտրօնի փոխարէն։ Յանձնաժողովներս կը յուսան որ յառաջիկայ Յունուարին եւ կամ Փետրուարին մէջ Եգիպտոս կը հասնին եւ տէրերուն կը բաժնուին պարտաթուղթերը (իրենց կտրօններով) որոյ առաքման համար արդէն գրուած է Տիար Ա. Խատիսեանի որու հետ, իր իսկ տուած հրահանգին համաձայն, Յանձնաժողովներս յարաբերութիւն կը պահենք։ Այս առթիւ Յանձնաժողովներս գոհունակութեամբ կ’արձանագրենք այն իրողութիւնը որ Անկախութեան Փոխառութեան արձանագրուողները վճարած են, հազուադէպ բացառութիւններով, առաջին եւ երկրորդ մասնավճարները։ Յանձնաժողովներս յոյս ունինք որ, վճարումները ուշացնող արձանագրուողները կը վճարեն մինչեւ Յունուարի վերջը` երրորդ, եւ մինչեւ Փետրուարի վերջը` չորրորդ մասնավճարները եւ իրաւունք կ’ունենան առաջին վեցամսեայ տոկոսը գանձելու։ Այս առթիւ աւելորդ չըլլար երրորդ եւ չորրորդ մասնավճարներու յապաղման պատճառ համարել տիրող տնտեսական ծանր տագնապը որովհետեւ Փոխառութեան արձանագրուողները կ’ըմբռնեն որ պարտաւոր են շարունակել իրենց նիւթական օգնութիւնը Մայր Հայրենիքին, ինչ որ ալ ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան բացառիկ պարագաներու հարկադրած կառավարական Ռէժիմը109։ Վերջաւորութեան կայ փոքրիկ անորոշութիւն մը` երբ կը նշէ թէ Փոխառութիւնը կրնայ երթալ «հարկադրած կառավարական Ռէժիմ»-ին։ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Անկախութեան Փոխառութեան Կեդրոնական Յանձնախումբերը հանդէս կու գան 1921 Յունուար 28-ին թուակիր համատեղ յայտարարութեամբ, տեղեկացնելով Փոխառութեան ժամանակաւոր առկախումի մասին. [Ն]կատի առնելով Հայաստանի քաղաքական ներկայ շփոթ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ նախորդ կառավարութեան խոստացած պարտաթուղթերուն ցարդ ստացուած չըլլալը, կու գան ծանուցանել յարգոյ հասարակութեան թէ Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութեան
45
գործառութիւնները առկախուած են ցնոր տնօրինութիւն110։ 1921 Փետրուար 12-ին, Աղեքսանդրիոյ Կեդրոնական Յանձնախումբին անդամները նիստի կը հրաւիրուին Մանթաշէֆի գրասենեակը111։ Արդէն սկսած է փոխատուներուն դժգոհութիւնը, որոնք կ’ուզեն օրինական ճանապարհներով ետ վերցնել իրենց դրամը112։ 1921 Մարտ 27-ին, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ երկու Յանձնախումբերը Աղեքսանդրիոյ մէջ կը գումարեն նիստ մը եւ դարձեալ համատեղ յայտարարութեամբ կ’ազդարարեն Փոխառութեան ժամանակաւոր առկախումը. Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի Կեդր. Յանձնաժողովները այսօր Աղեքսանդրիա նիստ գումարելով եւ քննելով Անկախութեան Փոխառութեան խնդիրը, որոշեցին շարունակել իրենց դիմումները Անկախութեան Փոխառութեան Լիազօր Պատուիրակ Պրն. Ալ. Խատիսեանի մօտ, որ այս միջոցիս Եւրոպա կը գտնուի, եւ կախակայել փոխառութեան գործը մինչեւ 31 Մայիս 1921, այն յոյսով որ մինչեւ այդ թուականը Յանձնաժողովները ի վիճակի կ’ըլլան ժողովուրդին վերջնական պատասխան մը տալ։ 27 Մարտ 1921113։ Աղեքսանդրիոյ Փոխառութեան Յանձնախումբը Փարիզէն կը ստանայ 1921 Մայիս 11 թուակիր պատասխան-հեռագիր մը, ստորագրութեամբ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Ալեքսանդր Խատիսեանի. Հեռագրական ուղղակի յարաբերութեան մէջ մտած ենք օրինաւոր կառավարութեան պետ Վրացեանի հետ` ի մասին անկախութեան փոխառութեան հարցին։ Կը խնդրենք յետաձգել արձանագրուած գումարներուն վերադարձուիլը մինչեւ կառավարութեան հրահանգներուն ստացումը114։ Մէկ ամիս ետք, Աղեքսանդրիոյ Փոխառութեան Յանձնախումբը [նախկին] Հ. Հ. Փարիզի Պատուիրակութեան կողմէ կը ստանայ 1921 Յունիս 15 թուակիր պատասխան-նամակ մը, Աւետիս Ահարոնեանի ստորագրութեամբ, ուր կը նշուի թէ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն»-ը կը խնդրէ պահպանել Փոխառութեան գումարները` լաւագոյն օրերու համար. Մեծարգոյ Տէր Նախագահ, Մեր Մայիս 11 թուակիր հեռագրով Ձեզմէ խնդրած էինք յետաձգել Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութեան համար տեղւոյդ մէջ հաւաքուած գումարներուն իրենց տէրերուն ետ դարձուիլը, մինչեւ որ այդ մասին կարենանք ստանալ մեր կառավարութեան հրահանգը։ Այսօր ի վիճակի ենք Ձեզ յայտնելու որ ստացած ենք մեր կառավարութեան
46
պատասխանը այդ մասին մեր ուղղած հարցումին։ Եւ այդ պատասխանին մէջ Հ. Հ. Կառավարութիւնը մեզմէ կը խնդրէ բոլոր հնարաւոր միջոցներ ձեռք առնել ապահովելու համար Փոխառութեան անուանով հաւաքուած գումարներու անվթար պահպանումը, մինչեւ լաւագոյն օրերու մէջ կարելի ըլլայ գլուխ բերել այդ գործը։ Հաղորդելով Ձեզ մեր կառավարութեան յայտնած այդ փափաքը, պարտականութիւն կը սեպենք մեր կողմէն աւելցնել հետեւեալը. Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութեան արձանագրութեանց գործը տեղւոյդ մէջ, ինչպէս շատ լաւ յայտնի է Ձեզ, մեծամեծ զոհողութիւններու եւ բազում ջանքերու շնորհիւ միայն կրցաւ տալ այս արդիւնքը որուն համար Պատուիրակութիւնն յանուն Հայաստանի կառավարութեան շնորհապարտ է Ձեզի։ Այդ արդիւնքը, որքան ալ անկատար ըլլայ անիկա, մեղք պիտի ըլլար ցրուել եւ ոչնչացնել մէկ հարուածով, երբ Հայրենիքը պէտք ունի հսկայական գումարներու` վերականգնելու համար իր աւերակներէն եւ դարմանելու համար իր վէրքերը, եւն. եւն.։ Ստոր. Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ115 Բայց փոխատուները կը սկսին պահանջել իրենց դրամները։ Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբը այլեւս չի կրնար «լաւագոյն օրեր»-ուն սպասել, ոչ ալ կ’ուզէ անձնապէս ստանձնել դրամները վերադարձնելու գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը, այլ կ’առաջարկէ փոխատուներուն կազմել ուրիշ Յանձնախումբ մը` դրամը վերադարձնելու գործարքը քննելու համար, մինչ ինքզինքին պարտականութիւն տալով աջակցիլ «բարոյապէս»։ Այսպէս, 1921 Յունիս 25-ին, Աղեքսանդրիոյ Փոխառութեան Կեդրոնական Յանձնախումբը նիստ կը գումարէ եւ ներկաներուն միաձայնութեամբ կ’ընդունի որոշում. Կեդր. Յանձնաժողովս, նկատելով որ` 20 Օգոստոս 1920 թուականաւ` որոշ եւ սահմանափակ մանտաւորուած է իրեն, – այն է տարածել փոխառութիւնը։ Նկատելով որ Յանձնաժողովս իրաւասութիւն չունի, փոխատուներէ ոմանց արտայայտած փափաքին մասին – այն է փոխառութեան գումարները իրենց վերադարձնելու ո՛րեւէ որոշում տալու, մանաւանդ որ Յանձնախումբս իրազեկ չէ թէ իրօ՞ք իր շրջանակի փոխատուները կը փափաքին որ իրենց արձանագրած եւ վճարած գումարները իրենց վերադարձուին, Կ’որոշէ, Դիւանին պաշտօն տալ որպէսզի անհատապէս հրաւիրէ հաւաքավայր մը բոլոր փոխառութեան մասնակցողները, անոնց ներկայացնելու փոխառութեան կացութիւնեը, խնդրելու համար իրենցմէ որպէսզի որոշապէս եւ իրենց ստորագրութեան տակ արտայայտուին այս մասին։ Եւ այն պարագային որ, փափաքող են իրենց դրամներուն վերադարձուելուն, կազմեն մասնաւոր Յանձնախումբ մը` որ պաշտօն ունենայ իրենց այդ փափաքին օրինաւոր ամէն միջոցներով հետապնդման եւ յաջողման։ Փոխառութեան Կեդր. Յանձնաժողովս կ’որոշէ նոյնպէս, այս վերջին պարագային, իր
47
անդամներէն դուրս կազմուելիք Քօմիթէին ամէն բարոյական աջակցութիւն ընծայել։ Կեդր. Յանձնաժողովը կ’որոշէ նաեւ սոյն հրահանգը տալ իր շրջանի պատկանող բոլոր Յանձնաժողովներուն եւ առաջարկել Գահիրէի Կեդր. Յանձնաժողովին որպէսզի ինքն ալ, իր կարգին, հաճի նոյն ձեւով շարժիլ իր շրջանի փոխատուներուն հանդէպ116։ Աղեքանդրիոյ Փոխառութեան Յանձնախումբը փոխատուներուն կը հրաւիրէ Օգոստոս 1-ին, ժամը 4-ին, ներկայ գտնուիլ Աղեքսանդրիոյ Առաջնորդարանին սրահը, իրենց շահերուն պաշտպանութեան համար որոշումներ կայացնելու117։ Գումարումը տեղի կ’ունենայ նախագահութեամբ Յովհաննէս Մութաֆեանցի, ներկայութեամբ Տէլէմաք Թիւթիւնճեանի (ատենադպիր) եւ Յակոբ Փափազեանի (Բ. ատենադպիր)։ Մամուլի միջոցով կը տեղեկագրուի գումարումին արդիւնքը. Կարդացուեցաւ Աղեքս. Կեդր. Յանձնաժողովոյ 1921 Յունիս 25-ի նիստին մէջ տրուած որոշումը, ինչպէս նաեւ Հ. Հ. Բարիզի պատուիրակութեան Աղեքս. Կեդր. Յանձնաժողովոյ ուղղած 15 Յունիս 1921 թուակիր նամակը։ Այս գրութիւնները, ինքնին, կը պարզեն կացութիւնը, որով, իւրաքանչիւր փոխատու, անոր պարունակութեան տեղեկանելէ յետոյ, կ’որոշէ իր ընելիքը։ Եթէ կան այնպիսի փոխատուներ որոնք կը փափաքին որ իրենց արձանագրած եւ վճարած գումարները իրենց վերադարձուին, ազատ են իրենցմէ յատուկ Յանձնաժողով մը կազմել, որպէսզի իրենց անունով շարժի։ Աղեքսանդրիոյ Կեդր. Յանձնաժողովը, այս մասին, իր համարատուութիւնը կատարած ըլլալով կը ստորագրեն` Յ. Մութաֆեանց, Տ. Թիւթիւնճեան, Յ. Փափազեան118։ Այսինքն, Յանձնախումբը կը հրաժարի օգնել արձանագրուողներուն։ Պաշտօնական յայտարարութենէն անդին, Արեւ կը տեղեկացնէ, որ ներկայ էին (Աղեքսանդրիո՞յ) 186 արձանագրուողները` մէկ-երկու անձի բացակայութեամբ։ Ներկաները, լսելէ ետք Յանձնախումբին վերոյիշեալ տեղեկութիւները, գրեթէ միաձայնութեամբ փափաք կը յայտնեն ետ ստանալ իրենց վճարած դրամները եւ առ այդ կ’ընտրեն յանձնախումբ մը, որպէսզի իրենց անունով կատարէ պաշտօնական ձեւակերպութիւններն ու դիմումները։ Յանձնախումբն է` Լեւոն Մկրտիչեան (Արեւի արտօնատէր), Մեթր Գէորգ Գայարեան եւ Մեթր Միհրան Թէլեան։ Տրուած որոշումները ատենագրուելով կը ստորագրուին ներկաներուն կողմէ119։ Գայարեան եւ Թէլեան ժամանակ չունենալով զբաղիլ գործով, մարմինը կը դատապարտուի անգործութեան։ Գանգատները կը տեղան թէ՛ Գահիրէի եւ թէ՛ Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբերուն դէմ, որոնք կ’ամբաստանուին թէ չեն ուզեր
48
փոխատուներուն շահերը պաշտպանել։ Հետեւաբար, երկու Յանձնախումբերուն ատենապետները, Լեւոն Մկրտիչեանի հետ, խորհրդակցաբար յիշատակագիր մը կ’ուղղեն Պանք տ’Աթէնի Աղեքսանդրիոյ վարչական-պատուիրակին. Գահիրէ, Աղեքս., 15 Հոկտեմբեր 1921 Պարոն Վարչական-Պատուիրակ Պանք տ’Աթէնի Աղեքսանդրիա Պարոն Վարչական-Պատուիրակ Պատիւ ունինք Ձեզի հաղորդել հետեւեալը։ Մեր Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի Կեդրոնական Յանձնախումբերուն կողմէ Ձեզի ուղղուած 21 Սեպտեմբեր 1920 թուակիր նամակին եւ Ձեր 6 Հոկտեմբեր 1920 թուականաւ հաստատական պատասխանին տրամադրութեանց համեմատ` բարեհաճեցաք Ձեր Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մասնաճիւղերուն մէջ ընդունիլ Հայկական Անկախութեան Փոխառութեան արձանագրութիւնները։ Բայց հազիւ թէ յիշեալ փոխառութեան առաջին երկու մասնավճարները գանձուած էին եւ ահա քաղաքական ծանր դէպքեր տակն ու վրայ ըրին Հայաստանը։ Թուրք զօրքը մեր երկիրը արշաւեց եւ հայ ազգայնական կառավարութիւնը որ փոխառութիւնը հրապարակ հանած էր` Կարմիր Բանակին կողմէ տապալեցաւ եւ անոր տեղ հաստատուեցաւ քօմիւնիսթական կառավարութիւն որն որ, – ինչպէս ամէն ուրիշ այս կարգի կառավարութիւն – Մոսկուայէն ստացուած հրահանգներու համաձայն` անթել հեռագիր-շրջաբերականով մը չեղեալ հռչակեց նախորդ կառավարութեան բոլոր արարքները, յայտարարելով մասնաւորաբար թէ նախորդ կառավարութեան հանրային պարտքը եւ յանձնառութիւնները չի կրնար ճանչնալ։ Ասոր իբրեւ ապացոյց` հաճեցէք ներփակ գտնել Ռէօյթէրի մէկ հեռագիրը։ Ահա այս պայմաններուն մէջ էր որ մեր կրկին Յանձնախումբերը ժամանակին Ձեզմէ խնդրեցին նոր մասնավճարներու գանձումը յետաձգել մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն։ Արդ, նկատելով որ Հայաստանի արդի սովիէթական կառավարութիւնը մերժած է նախորդ կառավարութեան պարտքերը ճանչնալ` Նկատելով որ 5 Յունիս 1920-ի օրէնքով նախորդ ազգայնական կառավարութեան կողմէ հրապարակ հանուած փոխառութիւնը երկկողմանի (bilatéral) պայմանագրութիւն մըն է ընդ մէջ կառավարութեան եւ փոխառութեան արձանագրուողներուն եւ այդ պայմանագրութիւնն ալ այսօր չեղեալ կը նկատուի, վասնզի նախորդ կառավարութիւնը չէ կրցած իր յանձնառութիւնները յարգել` Նկատելով որ նոյն իսկ նախորդ կառավարութեան դիպուածաւ իշխանութեան վերադարձը եւ կամ ուրիշ որ եւ է ազգայնական կառավարութեան իշխանութեան գլուխ անցնիլը իրենց ո՛րեւէ իրաւունք չի տար հին փոխառութեան արձանագրուողներէն պահանջելու իրենց արձանագրուած գումարը` Այս պայմաններուն մէջ կու գանք խնդրել որ բարեհաճիք արձանագրուողներուն
49
վերադարձնել իրենց վճարած գումարները յԱղեքսանդրիա եւ Գահիրէ, ինչպէս նաեւ այդ գումարներուն տոկոսները` ըստ մեր համաձայնութեան։ Կը փութանք իմացնել նաեւ որ Իզմիրի եւ Կ. Պոլսոյ այն դրամատունները որոնք այս փոխառութեան համար գումարներ գանձնած էին` զանոնք վերադարձուցած են արդէն իրենց տէրերուն։ Նկատելով որ փոխառութեան արձանագրուողներուն կողմէ ամէն օր ստիպողական դիմումներ կը կատարուին մեր մօտ, որոնք իրենց դրամը կը պահանջեն եւ զմեզ պատասխանատու կը բռնեն իբրեւ միջնորդ իրենց եւ Ձեր դրամատան միջեւ` կը խնդրենք որ բարեհաճէիք ըստ կարելւոյն շուտով հետեւանք տալ մեր այս խնդրանքին։ Հաճեցէք ընդունիլ Տիար Վարչական-Պատուիրակ, մեր կանխայայտ շնորհակալութեամբ, մեր խորին յարգանքներուն հաւաստիքը։ Գահիրէի Կեդր. Յանձնախումբին կողմէ Ատենապետ ստոր. Հապիպ Գառնուկ Աղեքսանդրիոյ Կեդր. Յանձնախումբին կողմէ Ատենապետ ստոր. Յովհ. Մութաֆեանց Այս յիշատակագիրը Պանք տ’Աթէնին անձամբ կը ներկայացնեն Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբին նախագահ Յովհաննէս Մութաֆեանց եւ Լեւոն Մկրտիչեան։ Վերջինը նաեւ իր հետ փոխանորդագիր ունէր Երուանդ պէյ Աղաթօնէ` ետ պահանջելու իր եւ իր որդիին վճարած գումարները։ Պանքին տնօրէնը կը թելադրէ` որ արձանգրուողները դատ բանան Պանքին դէմ եւ վճիռ ստանան, որպէսզի Պանքը զերծ մնայ որեւէ պատասխանատուութենէ։ Մութաֆեանց եւ Մկրտիչեան դիտել կու տան, որ վերջնական դատավճիռ մը արձակուելու համար կարօտ է առնուազն վեց ամիս, իսկ արձանագրուողներէն շատերը կը փափաքին ետ վերցնելիք դրամները յատկացնել Հայաստանի սովահարներուն, որոնք ժամանակ չունին սպասելու։ Անոնք կ’առաջարկեն, որ Պանքը վերադարձնէ դրամները, պայմանով որ իւրաքանչիւր արձանագրուող յանձնառագիր մը ստորագրէ յայտարարող` թէ այն պարագային երբ Պանքը պարտաւորուի յառաջիկային այդ գումարը հայկական կառավարութեան վճարել` արձանագրուողը պարտաւոր ըլլայ ետ առած գումարը հատուցանել Պանքին։ Պանք տ’Աթէնի տնօրէնը ժամանակ կը խնդրէ մտածելու համար։ Պանքին նպատակն էր խնդիրը ենթարկել իրենց փաստաբան Մեթր Վաթիմպէլլայի քննութեան, որ բացակայ ըլլալով քաղաքէն, պիտի վերադառնայ Դեկտեմբերի սկիզբ։ Մինչեւ այդ, Լեւոն Մկրտիչեան ուրիշ դիմումներ եւս կը ղրկէ Պանք։ Դեկտեմբեր 8-ին, Լեւոն Մկրտիչեան կը ստանայ Պանք տ’Աթէնի նամակը.
50
Պարոն, Հաստատելով մեր Դեկտեմբեր 1 թուակիր նամակը, կու գանք ծանուցանել Ձեզ թէ` մեր փաստաբաններուն տուած խորհուրդին համեմատ` եթէ մեր պանքային մէջ արձանագրուողներուն գումարները իրենց վերադարձնելու ըլլանք` ծանր պատասխանատուութեան կ’ենթարկուինք։ Խնդրոյ առարկայ փոխառութիւնը Հ. Հանրապետութեան կողմէ քուէարկուած օրէնքի մը համաձայն հրապարակ հանուած ըլլալով` Հայաստանի մէջ ներկայիս հաստատուած իշխանութեանց ուրիշ մէկ օրէնքովը միայն կրնայ ջնջուիլ։ Եւ սակայն ասանկ օրէնքի մը գոյութիւնը ո՛չ յիշատակեցիք եւ ո՛չ ալ ապացուցիք։ Գործին մէջ շահ ունեցողներուն եւս այս իմաստով գրեցինք ներկայ թղթատարով։ Լեւոն Մկրտիչեան Դեկտեմբեր 10 թուակիրով կը պատասխանէ նամակին. Պատիւ ունեցայ ստանալու Ձեր Դեկտեմբեր 8 թուակիր նամակը ի մասին Հայկական Փոխառութեան որով կ’իմացնէիք թէ յիշեալ փոխառութիւնը Հայկական Հանրապետութեան քուէարկած մէկ օրէնքովը հրապարակ հանուած ըլլալով` ուրիշ կերպով չի կրնար ջնջուիլ բայց եթէ Հայաստանի մէջ հաստատուած իշխանութեանց ուրիշ մէկ օրէնքովը։ Հաճեցէք սակայն նկատել թէ այդ օրէնքը արդէն իսկ հրատարակուած է` Հայաստանի մէջ րէժիմի փոփոխութենէն անմիջապէս յետոյ պաշտօնի վրայ գտնուող հայկական կառավարութեան կողմէ եւ Հայկական Փոխառութեան Յանձնախումբին ատենապետը Տիար Յովհաննէս Մութաֆեանց ատոր ապացոյցը տուած է Ձեզի` ներկայացնելով պատճէնը անթել հեռագրական շրջաբերականի մը որ իր ժամանակին երեւցաւ Լա Պուրս էժիբսիէն թերթին մէջ։ Գուցէ առարկէք թէ յիշեալ հեռագիրը որ եւ է պաշտօնական հանգամանք չունի։ Այդ պարագային ես պատրաստ եմ, որոշ պայմանաժամի մէջ, Ձեզի ներկայացնել գրաւոր յայտարարութիւն մը ներկայիս Հայաստան հաստատուած իշխանութեանց կողմէ, հաւաստող թէ Հայկական Փոխառութիւնը արտօնող օրէնքը չեղեալ նկատուած է Հայկական Հանրապետութեան սօվիէթական կառավարութեան հրովարտակով։ Հաճեցէք իմացնել թէ համաձա՞յն էք։ Դեկտեմբեր 12-ին, Պանք տ’Աթէն Լեւոն Մկրտիչեանին կը ղրկէ հետեւեալ պատասխանը. Պարոն, Ի պատասխան Ձեր 10 Դեկտեմբեր թուակիր նամակին` ներփակ կը ղրկենք մեր խորհրդական-փաստաբանին Մեթր Վաթիմպէլլայի խորհրդակցական տեղեկագրին պատճէնը ի մասին Հայկական Փոխառութեան, որմէ պիտի տեսնէք թէ ցաւ ի սիրտ չենք կրնար մեր տեսակէտէն շեղիլ` առանց ծանր պատասխանատուութեան ենթարկուելու120։
51
Կը մնայ դիմել դատարան, ինչպէս յանձնարարած էր Պանքը։ Բողոքի եւ ընդվզումի արդար ձայներ կը բարձրանան երկու Յանձնախումբերուն դէմ` որոնք մերժեցին օգնութեան ձեռք մեկնել121։ Մինչ այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան [նախկին] Պատուիրակութիւնը Եգիպտոս կը ղրկէ Տոքթ. Նէվրուզ, փոխառութեան խնդիրը կարգադրելու համար։ Լեւոն Մկրտիչեան կը պատմէ. Անոր ծրագիրն էր փոխառութեան մասնակցողներէն ստացագիր առնել թէ դրամնին ամբողջովին ետ առած են, բայց փոխանակ պանքայէն ստացուելիք գումարը մասնակցողներուն վերադարձնելու` վերստին հոն ի պահ դնել կարգ մը վստահելի անձնաւորութեանց անունով, օրինակ` Մաթոսեանի, Մելգոնեանի, Կամսարականի եւլն., որոնց մէջ պիտի գտնուէր Տօքթ. Նէվրուզի ալ անունը, իբրեւ ներկայացուցիչ Հ. Հ. Պատուիրակութեան։ Պանքան նորէն ի պահ դրուած գումարը յետոյ յարմար կերպով պիտի գործածուէր ազգին կենսական պէտքերուն։ Գործածութեան այս եղանակը թէեւ մեզի տարօրինակ թուեցաւ այն ատեն, բայց որեւէ առարկութիւն չըրինք այդ մասին, զի էականը` պանքան համոզելն էր որ դրամները վերադարձնէ։ Այս նպատակով պ. Ահարոնեան լիազօրութեան փոխանորդագիր մը յանձնած էր Տօքթ. Նէվրուզին, որով այս վերջինը իրաւասութիւն կը ստանար յանուն Հայկական Հանրապետութեան բանակցելու պանքային հետ։ Տօքթ. Նէվրուզ քանիցս տեսակցութիւններ ունեցաւ Պանք տ’Աթէնի տնօրէնին եւ խորհրդական-փաստաբան Մէթր Վաթիմպէլլայի հետ. խնդիրը մանաւանդ այս վերջնոյն քով կը լմննար։ Պանքան չուզեց ճանչնալ Հայկական Հանրապետութեան նախկին Պատուիրակութեան իրաւասութիւնը այս գործին մէջ, սա առարկութեամբ թէ Հայաստանի մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող իրական կառավարութիւնը Սովիէթական է, հետեւաբար պէտք է այս վերջինը գրաւորապէս յայտարարէ թէ ինք առարկութիւն չունի դրամներուն իրենց տէրերուն վերադարձուելուն։ Ուրեմն Պանքան թելադրեց Տօքթ. Նէվրուզին որ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան դիմում կատարուի եւ անկէ այս իմաստով վաւերաթուղթ մը ձեռք բերուի եւ կամ` խորհուրդ տրուի փոխառութեան մասնակցողներուն որ դատավճիռ մը ձեռք բերեն պանքային դէմ։ Այս ամէնը մեզի ըսուած էր արդէն պանքային կողմէ եւ մեր Արտօնատէրը [իմա` Լեւոն Մկրտիչեան, Հ.Ա.] Տօքթ. Նէվրուզին հաղորդեց բոլոր այն դիմումները զոր կատարած էինք` խնդրուած վաւերաթուղթը Խորհրդային Հայաստանի կառավարութենէն ձեռք բերելու համար։ Տօքթ. Նէվրուզ բոլոր այս տեղեկութիւնները Աղեքսանդրիայէն իսկ հաղորդեց պ. Ահարոնեանին122։ Ահարոնեան-Խատիսեան-Նէվրուզի կողմէ դրամի նոր ու նպատակադրուած հասցէագրումներուն ուղղութիւնը դժուար չէ որսալ այստեղ։ Մինչեւ 1922 Օգոստոս (ճիշդ թուականը յայտնի չէ), Հայաստանի Հանրապետութեան [նախկին] Պատուիրակութեան անունով, Ալեքսանդր Խատիսեան
52
նամակ կը գրէ Անկախութեան Փոխառութեան Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբի նախագահ Յովհաննէս Մութաֆեանցին, առաջարկելով լուծարքել գործողութիւնը եւ Պանք տ’Աթէնի դրամները օրինական միջոցներով վերադարձնել աւանդատէրերուն, պայմանով որ այդ գումարներուն կարեւոր մասը աւանդատէրերը ստորագրուած թուղթով յանձն առնեն յատկացնել Հայրենիքի Օգնութեան Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Մարմինին [որուն վրայ Թահթաճեան եւ Պատուիրակութիւնը ունին ազդեցութիւն]։ Խատիսեան վերջացած կը համարէ Աղեքսանդրիոյ Փոխառութեան Յանձնախումբին գործունէութիւնը եւ կ’առաջարկէ հիմնել լուծարքի յանձնախումբ մը. Մեծ. Տիար Յ. Մութաֆեանց Նախագահ Անկախութեան Փոխառութեան Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբին Աղեքսանդրիա Մեծարգոյ հայրենակից, Ձեզ յայտնի է հաւանօրէն որ Պատուիրակութիւնս ասկից առաջ բժիշկ Նէվրուզը ղրկած էր Եգիպտոս, մօտէն ծանօթանալու համար Անկախութեան Փոխառութեան հաշւոյն Եգիպտոսի մէջ հաւաքուած գումարներու առկախ գործին։ Բժիշկ Նէվրուզի տեղւոյն վրայէն եւ Բարիզ վերադարձին ներկայացուցած տեղեկագիրներուն վրայ եւ նկատողութեան առնելով Եգիպտոսէն ստացուած կարգ մը ուրիշ գրութիւններ, Պատուիրակութիւնս կը գտնէ որ չէ կարելի աւելի երկար ժամանակ առկախ ձգել այդ գործը` որու հետեւանքով մէկ կողմէ կը վնասուին մեր հայրենակիցներու շահերը եւ միւս կողմէ այդ գումարները կը մնան անգործածելի` երբ այնքան կարօտ է հայրենիքը նիւթական օգնութեան։ Սոյն պատճառներով Պատուիրակութիւնս որոշած է օրինական բոլոր միջոցները ձեռք առնել Աթէնական դրամատան մօտ այդ նպատակով աւանդ ձգուած բոլոր գումարները իրենց տէրերուն վերադարձուելու համար, միաժամանակ բրօբականտ մղելով եւ յանձնառութիւն ստանալով այդ աւանդատէրերէն ետ ստացուած գումարներու գէթ կարեւոր մէկ մասը յատկացնելու համար Հայաստանի պէտքերուն` Հայրենիքի Օգնութեան Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Մարմնին միջոցաւ։ Յետ ստացումի այդ գործողութիւններն ու աշխատանքը, որ liquidationի գործ մըն է, հիմնովին անհամապատասխան ըլլալով Պատուարժան Յանձնախումբիդ պաշտօնին, որ կը կայանար փոխառութեան գործը գլուխ բերելու դրական աշխատանքին մէջ, Պատուիրակութիւնս կը զգայ որ այդ գործը պէտք է յանձնուի յատկապէս liquidationի համար պաշտօնի կանչուած Յանձնախումբի մը։ Ներկայիւս ուրեմն եւ վերոյիշեալ նկատումներով վերջացած համարելով Անկախութեան Փոխառութեան Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբին պաշտօնը, առիթէն կ’օգտուինք անգամ մը եւս յայտնելու համար, Ձեր եւ Պատ. Յանձնախումբիդ անդամոց, մեր խորին շնորհակալիքը Ձեր եռանդուն ջանքերուն համար։
53
Ընդունեցէք, Մեծարգոյ պարոն Նախագահ, խորին յարգանացս հաւաստիքը։ Վ. Հ. Հ. Պատուիրակութեան նախագահի ԱԼ. ԽԱՏԻՍԵԱՆ123 Հայկական Հանրապետութեան [նախկին] Պատուիրակութիւնը կը կազմէ հաշուեյարդար մարմին մը հետեւեալ անձերէն` Մեթր Խոսրով Զոհրապ, Մեթր Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեան եւ Յակոբ Փափազեան։ Փափազեան կը մերժէ ընդունիլ առաջարկուած պաշտօնը124։ Միւսներու գործունէութեան մասին չենք լսեր։ Դատավարութիւնները կը դառնան անխուսափելի։ Անոնք տեղի կ’ունենան Փոխառութեան արձանագրուողներուն անձնական ջանքերով։ Սիմոն Կօշկարեան իր անունով դատ կը բանայ Պանք տ’Աթէնի տնօրէն Մարիուս Լասքարիսի դէմ Գահիրէի Փոքր Դատերու Ատեանին (Tribunal de Justice Sommaire) առջեւ, պահանջելով ետ վերցնել իր դրամները։ Հիմք ունենալով այն հանգամանքը` որ Փոխառութիւնը կնքող հայկական կառավարութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ, 1923 Յունուար 11-ին դատաւոր Ս. Վրիաքոս վճիռ կ’արձակէ ի նպաստ Կօշկարեանի. Կը դատապարտէ Պանք տ’Աթէնը խնդրարկուին վճարել հարիւր եգիպտ. ոսկի եւ դատի սկսուած թուականէն հաշուելով տարեկան եօթը առ հարիւր տոկոս։ Նոյնպէս կը դատապարտէ զայն դատական ծախուց, մէջը ըլլալով խնդրարկուին փաստաբանին պատուագինը, 300 ղրուշ ողջ125։ Ենթադրուած է, որ ասիկա հանդիսանար սկզբունքի վճիռ մը` որուն հիման վրայ Պանքը պիտի վճարէր նաեւ միւս փոխատուներուն դրամները։ Բայց Արեւ կը բացատրէ Եգիպտոսի դատական-օրինական կարեւոր հանգամանք մը։ Մեծ գումարի համար դատավարութիւնը տեղի կ’ունենայ Նախնական Դատարանի Քաղաքային Ատեանին առջեւ, որուն վերաքննութիւնը կը բերուի Աղեքսանդրիոյ Վերաքննիչ Ատեանին (Cour d’Appel) առջեւ։ Վերջինին վճիռը ո՛չ միայն վերջնական է, այլեւ սկզբունքային վճիռ մըն է (arrêt de principe), այսինքն, Անկախութեան Փոխառութեան պարագային, մէկ անձի ստացած վճիռէն պիտի օգտուին Փոխառութեան միւս մասնակցողները եւս, առանց առանձին դատ բանալու։ Բայց քանի որ Կօշկարեանի գումարը փոքր է` հարիւր ոսկի, դատը բացուած է Փոքր Դատերու Ատեանին առջեւ, փոխանակ Նախնական Դատարանի Քաղաքային Ատեանին, իսկ Փոքր Դատերու Ատեանի վճիռներուն դէմ վերաքննութեան համար կը դիմուի Նախնական Դատարանի քաղաքային կամ առեւտրական ճիւղին, որուն արձակած վճիռները թէեւ վերջնական եւ
54
պարտադրիչ են կողմերուն համար, բայց սկզբունքի վճիռներ չեն` որոնցմէ կարողանան օգտուիլ բոլորը։ Սկզբունքի վճիռ արձակելու իրաւասութիւն ունեցող միակ դատարանը Աղեքսանդրիոյ Վերաքննիչ Ատեանն է։ Հետեւաբար, պէտք է սպասել հարիւր ոսկիէ աւելի գումարի մը համար բացուած դատի մը վերջնական վճիռը126։ Այդպէս ալ կ’ըլլայ։ Տիկին Մարիամ Աւագ դատ կը բանայ Աղեքսանդրիոյ Նախնական Խառն Դատարանի Քաղաքային Ատեանին առջեւ Պանք տ’Աթէնի դէմ, Հայկական Անկախութեան Փոխառութեան անունով իր վճարած 132 եգիպ. ոսկին ետ վերցնելու համար։ Դատավարութիւնը տեղի կ’ունենայ Փետրուար 24ին127։ Մարտ 3-ին, Աղեքսանդրիոյ Նախնական Խառն Դատարանի Քաղաքային Ատեանը կ’արձակէ իր վճիռը ի նպաստ Մարիամ Աւագին. Այս ամէն նկատումներով, խնդիրը հրապարակաւ եւ ընդդիմաբանօրէն դատելէ, ընդհանուր դատախազը լսելէ եւ ուրիշ որեւէ եզրակացութիւն մերժելէ յետոյ, Ատեանս կը դատապարտէ Պանք տ’Աթէնը խնդրարկուին վերադարձնել հարիւր երեսուն երկու եգիպտ. ոսկի` տոկոսներով հանդերձ, հարիւրին չորսի հաշւով` 15 Նոյեմբեր 1920-էն սկսեալ մինչեւ 1 Յունուար 1922, հարիւրին երեքի հաշւով` այս թուականէն մինչեւ 25 Հոկտեմբեր 1922 եւ հարիւրին հինգի հաշւով` այս վերջին թուականէն մինչեւ ամբողջական վճարում։ Դատավարող կողմերուն միջեւ կը համակշռէ դատական եւ արտադատ (extra judiciaires) ծախքերը128։ 1923 Մարտ 13 թուակիր կոչնագիրով Պանք տ’Աթէն կը դիմէ Աղեքսանդրիոյ Վերաքննիչ Խառն Ատեան։ Դատավարութիւնը տեղի կ’ունենայ Ապրիլ 5-ին եւ վճիռը կ’արձակուի Ապրիլ 12-ին, հաստատելով Նախնական Դատարանի Քաղաքային Ատեանին վճիռը։ Այս վճիռը սկզբունքի վճիռ է, որ հիմք պիտի ծառայէ բոլոր միւս արձանագրուողներուն, որեւէ տեղ Եգիպտոսի մէջ։ Մեթր Տէլէմաք Թիւթիւնճեան կը ներկայանայ Ապրիլ 5-ի նիստին եւ կը յայտարարէ` որ դատական ծախսերը ինքը պիտի վճարէ (ինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ` Ոսկի Ֆոնտի մնացած գումարէն)։ Պէտք է ըսել, որ ի սկզբանէ, Պանք տ’Աթէն եւս կը ձգտէր ձեռք բերել միեւնոյն վճիռը։ Ան դէմ չէ եղած գումարները վերադարձնելու սկզբունքին, բայց կ’ուզէր օրինապէս խուսափիլ պատասխանատուութենէ ներկայ խորհրդահայ կառավարութեան առջեւ, կամ Հայաստանի Պատուիրակութեան անունով Փարիզի մէջ հաստատուած նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առջեւ, դրամը իրենց կողմէ պահանջուելու պարագային։ Ահաւասիկ Մարիամ Աւագի դատին վերջնական դատավճիռը ամբողջութեամբ, ինչպէս թարգմանուած է Արեւի մէջ.
55
Ատեանս, Լսելէ յետոյ դատավարող կողմերը. Լսելէ յետոյ Ընդհանուր Դատախազը. Յետ` Օրինաց համաձայն խորհրդակցելէ. Նկատի առնելով 13 Մարտ 1923 թուակիր կոչնագիրը որով Պանք տ’Աթէն կանոնաւորապէս վերակոչման դիմած է Աղեքսանդրիոյ Քաղաքային նախադատ Ատեանին կողմէ նոյն ամսոյ 3-ին արձակուած վճռին դէմ որ յիշեալ Դրամատունը կը դատապարտէր Տիկին Մարիամ Աւագի վերադարձնելու 132 ոսկւոյ գումարը, յաւելեալ տոկոսներովը` հարիւրին չորս սակով 1920 Նոյեմբերէն մինչեւ 1922 Յունուար մէկ, երեք առ հարիւր սակով այդ թուականէն մինչեւ 1922 Հոկտեմբեր 23 եւ հինգ առ հարիւր` այս վերջին թուականէն մինչեւ ամբողջական հատուցման թուականը։ Ըստ որում Պանք տ’Աթէն սկզբունքով չի հակառակիր պահանջուած վերադարձումին (restitution), բայց ապագային ո՛րեւէ պատասխանատուութեան չենթարկուելու համար կ’ուզէ գիտնալ թէ այն կառավարութիւնը որ ներկայիս իշխանութեան գլուխ կը գտնուի Հայաստանի մէջ` արտօնուա՞ծ է թէ ոչ օգտուելու Հայկական Անկախութեան Փոխառութենէն, եւ թէ ինք` Պանքան` ո՛րեւէ պատասխանատուութիւն չի՞ հրաւիրեր իր վրայ ստորագրողներուն (souscripteur) վերադարձնելով իրեն վճարուած եւ հայկական կառավարութեան հաշուոյն իր քով պահուած գումարները։ Ըստ որում, առանց մտնելու Պանք տ’Աթէնի կողմէ յուզուած քաղաքական խնդիրներու վիճաբանութեան մէջ` եթէ ոչ այն չափով որ հարկաւոր է պատասխանելու համար այսպէս մեկին կերպով ուղղուած հարցումներուն, եւ առանց քննելու Բարիզի մէջ գտնուող Հայկական Պատուիրակութեան իրաւական կացութիւնը, ոչ ալ որոնելու թէ որո՛նք են ընդհանուր կերպով Հայաստանի այժմու սովիէթական կառավարութեան իրաւասութիւնները, եւ իրերը զննելով զուտ օրէնսդիտական հայեցակէտէ մը, կը բաւէ հաստատել մէկ կողմանէ` որ Հայկական Անկախութեան Փոխառութիւը չէ կրցած իրականանալ բռնագոյն հարկի պարագայ (cas de force majeure) մը կազմող դէպքերու հետեւանքով, եւ միւս կողմանէ` որ այս փոխառութեան թէ՛ նախաձեռնարկները թէ՛ մասնակցողները համաձայն են որ Պանք տ’Աթէնը այս վերջիններուն վերադարձնէ իր դրամարկղին մէջ գտնուած գումարները որոնք սահմանուած էին նպատակի մը որ այժմ չի կրնար իրագործուիլ։ Նկատելով թէ խնդրոյն հանգամանքները ցոյց կու տան որ եղածը պետական փոխառութիւն (Emprunt d’Etat) մը չէ, որուն մայր գումարին եւ տոկոսներուն հատուցման համար պատասխանատու պէտք է նկատուի կառավարութիւն մը որ կը յաջորդէ ուրիշի մը, այլ թէ խնդիրը պարզ ծրագրի մը վրայ է որ չէ կրցած գործադրուիլ բռնագոյն հարկի պատճառաւ եւ այն կառավարութիւնը որ ներկայիս Հայաստանի մէջ ի ձեռին ունի իրական (effectif) իշխանութիւնը` չի կրնալով, սկզբամբ, ապահովել այն նպատակները որոնց համար ստորագրուած են խնդրոյ առարկայ գումարները, չպիտի կրնար բանաւոր կերպով հակառակիլ անոնց վերադարձումին, տրուած ըլլալով, արդէն, որ այդ գումարները հասած չեն ո՛չ իր, ոչ ալ ա՛յն կառավարութեան ձեռքը որուն պիտի յատկացուէին անոնք, յետ լրացման ձեւակերպութիւններու որոնք իրականին մէջ չեն կատարուած։
56
Նկատելով որ այս իրողական կացութենէն (situation de fait) իրաւագիտօրէն կը հետեւի որ Պանք տ’Աթէնը, պարզ աւանդապահ, չի կրնար խուսափիլ իրեն յանձնուած գումարները վերադարձնելու հարկէն, քանի որ աւանդատուները (déposant) ի վիճակի են ապացուցանելու որ այն պայմանները որոնց ներքեւ գումարները պէտք էին փոխանցուիլ երրորդի մը, այսինքն հայկական կառավարութեան, չեն կրնար լրացուիլ, տրուած ըլլալով որ հայկական կառավարութիւնը, երկրէն դուրս գտնուող կառավարութիւն մը ըլլայ թէ երկրին մէջ հաստատուած արդեամբ (de facto) կառավարութիւն մը, չուզեր կամ չի կրնար գործադրել այն պայմանները որոնք ծրագրուած փոխառութեան էական հիմունքը կը կազմէին։ Այս պատճառներով` Ատեանս ընդունելի կը յայտարարէ Պանք տ’Աթէնի վերակոչման դիմումը, Եւ խորքին մէջ` Կը հաստատէ 1923 Մարտ 31-ի վճիռը. Զայն փոփոխելով սակայն` Կը վճռէ որ Տիկին Մարիամ Աւագի հատուցուելիք գումարը 132 եգիպտ. ոսկի է, վրան բարդելով տոկոսները, հարիւրին չորսէն` իւրաքանչիւր վճարման թուականէն մինչեւ 1922 Յունուար 1, եւ հարիւրին երեքէն` այս վերջին թուականէն ասդին։ Կ’արձանագրէ Թիւթիւնճեան պէյի` Ապրիլ 5-ի նիստին մէջ` Հայկական Անկախութեան Փոխառութեան հաշուեյարդարի (liquidateur) հանգամանքով ըրած այն յայտարարութիւնը թէ իր վրայ կ’առնէ դատական ծախքերը։ Հետեւաբար Պանք տ’Աթէնը զերծ կը կացուցանէ անոնցմէ։ Կը դատապարտէ Թիւթիւնճեան պէյը, իր վերոյիշեալ հանգամանքով, դատարանական երկու աստիճաններու բոլոր ծախքերուն։ Դատավարող կողմերուն միջեւ կը համակշռէ արտաքոյ դատարանի (extrajudiciaire) ծախքերը։ Նախագահ (Ստոր.) Ռ. Ա. ՎՕ Դիւանադպիր (Ստոր.) Ժ. ՊԱՐՏՕՆԷ129 Այստեղ արդէն կ’աւարտի Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութեան գործարքը, մէկը եգիպտահայոց ամենայուզիչ եւ ամենախռովալից իրադարձութիւններէն։
57
ՈՍԿԻ ՖՈՆՏ
ՈՍԿԻ ՖՈՆՏԸ ԽԱՏԻՍԵԱՆԻ ՄԵԿՆՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
Աւելի բարդ ու անորոշ ճակատագիր պիտի ունենար Ոսկի Ֆոնտին նուէրները, այն պարզ պատճառով` որ մէջտեղը չկար Պանք տ’Աթէնի նման հիմնարկային հաստատութիւն մը, որուն շնորհիւ կարելի ըլլար գործել օրինականիրաւական ուղիներով։ Տեսանք, որ նուէրներուն մէկ մասը կարելի եղաւ դրամի փոխադրել Խատիսեանի ներկայութեան եւ գումարը յանձնել անոր անհատապէս։ Խատիսեանի մեկնումէն ետք պէտք է կարգադրուէր մնացած մասը։ Կիրակի, 1920 Օգոստոս 29-ի առաւօտեան, Աղեքսանդրիոյ եկեղեցիին բակը աճուրդի կը դրուին Ալհամպրայի հաւաքոյթի ընթացքին Ոսկի Ֆոնտին համար նուիրուած ոսկեղէն զարդերը, ներկայութեամբ Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեանի եւ Ոսկերիչներու Մարմինին։ Հասոյթը կ’ըլլայ 189 ե.ո.130։ Աղեքսանդրիոյ երկրորդ աճուրդը տեղի կ’ունենայ յաջորդ Կիրակի` 1920 Սեպտեմբեր 5-ի առաւօտեան, նոյն վայրը, որմէ կը գոյանայ 130 ոսկի131։ Վերջինը տեղի կ’ունենայ Կիրակի` Սեպտեմբեր 12-ին։ Գահիրէի մէջ, առաջին աճուրդը տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 1920 Սեպտեմբեր 5-ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Հապիպ պէյ Գառնուկի ներկայութեամբ։ Երկրորդը տեղի կ’ունենայ յաջորդ Կիրակի` Սեպտեմբեր 12-ին, Ազգային Առաջնորդարանի շրջաբակը, ապահովելով 183 եգ. ոսկի եւ 6 ղրուշ132։ Ալհամպրա Թատրոնի երկու զեկուցումներուն ընթացքին նուիրուած ոսկեղէնները եւ դրամները պարունակող երկու կնքուած տուփերը կը բացուին ներկայութեամբ Ոսկի Ֆոնտի Յանձնախումբի անդամներուն` Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեան, Յակոբ Փափազեան, Թովմաս Թօփուզեան, Հրանդ Իշլէմէճեան եւ Կարապետ Շահինեան։ Տուփերուն մէջ զարդեղէնները, ինչպէս նաեւ երկու հասոյթներէն յետոյ եւ Թանթայէն ղրկուած զարդեղէնները նոյնպէս կը ցուցակագրուին եւ կը գնահատուին։ Թանթայի զարդեղէնները կը գնահատուին 563 ղրուշ իսկ Աղեքսանդրիոյ նուէրները` մօտաւորապէս 366 եգ. ոսկի, առանց հաշուելու Սրբազան Հօր զմրուխտէ մատանին, որ գնահատուեցաւ 400 ոսկի։ Սրբազան Հօր մատանին պիտի ծախուի յառաջիկային։ Այսպէս, երկու զեկուցումներու միջոցին եւ զեկուցումներէն յետոյ տրուած դրամական նուէրներու գումար կը բարձանայ 167,518 եգ. ղրուշի, համաձայն յարակից հաշուեցոյցի133։ Հին ու նոր նուիրատուներու ցանկերը կը սկսին հրատարակել Արեւն ու
58
Յուսաբերը134։ Հայաստանի համայնավարացումէն ետք, խնդիրը երկար ժամանակ կը մնայ առկախ։ Մինչ Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութեան գործողութեան լուծարքը 1922 Օգոստոսին սեղանի վրայ դրուած էր, Ոսկիի Ֆոնտի հարցով Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեան կը սկսի ամբաստանուիլ Ֆոնտին աւանդը իր քովը պահելու մեղադրանքով. Պ. Խատիսեան որ այնքան նախանձախնդիր կը թուի փոխառութեան դրամներուն իրենց տէրերուն վերադարձուելուն` ինչո՞ւ հրահանգ չի տար Թիւթիւնճեան պէյին թէ` այս վերջնոյն յանձնուած Ոսկի Ֆօնտի աւանդը չի կրնար անոր դրամարկղին մէջ յաւերժանալ եւ այդ ֆօնտին ալ «Լիքիտասիօն»ը այլեւս բացարձակ անհրաժեշտութիւն մը դարձած է135։ Նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան ձայնը հանդիսացող Փարիզի Հայաստանի ձայն շաբաթաթերթը, որուն տնօրէն-հրատարակիչն է Տոքթ. Նէվրուզ, 1923 Յունուար 3-ի թիւին մէջ կ’արձանագրէ. Հայ. Հանր. Պատուիրակութիւնը ամիսներ առաջ կարգադրած էր, որ Եգիպտոսի Ոսկի Ֆօնտը յատկացուի Հայաստանի կարօտեալներուն, սակայն վրայ հասած Իզմիրեան աղէտը հարկադրեց այդ որոշումը փոխել։ Վերջերս Հ. Հ. Պատուիրակութիւնը կարգադրած է, Ոսկի Ֆոնտի Ալեքսանդրիոյ յանձնաժողովի նախագահ Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեանին պատրաստի 600 եգ. ոսկիէն 200 ոսկի փոխադրել Յունաստան, 200 Պօլիս, 100 Պուլկարիա եւ 100 Սիւրիա հայ գաղթականներու համար, իսկ ոսկեղէնն ու գոհարեղէնը, որոնց մէջ նաեւ Թորգոմ եպ.ի մատանին, յանձնել Ալեքսանդրիոյ Տիկնանց Յանձնաժողովին վիճակախաղի դնելու եւ արդիւնքը նոյն նպատակին գործադրելու համար136։ Ճիշդ վեց օր ետք` 1923 Յունուար 9-ին, Տէլէմաք Թիւթիւնճեան մամուլի միջոցով կը ներկայացնէ հանրային հաշուետուութիւն մը. Ա. - Հ. Հ. Բարիզի Պատուիրակութենէն այսօր ստացած հրահանգիս համաձայն, Աղեքսանդրիոյ Հ. Հ. Ոսկի Ֆօնտի մօտս գտնուած պատրաստի տրամադրելի 600 ոսկի գումարէն փոխադրեցի, տեղւոյս Օսմանեան դրամատան այսօրուան թուական չէքով, 200 անգլ. ոսկի Աթէնք, Հ. Հ. դեսպան պ. Չայեանին, բաժանելու համար Յունաստանի Հայ Գաղթականային Յանձնաժողովներուն։ 50 անգլ. ոսկի, Պէյրութ, Ազգ. Միութեան նախագահ Տօքթ. Մելքոնեանին, եւ 50 անգլ. ոսկի, Հալէպ, Ազգ. Միութեան նախագահ պ. Բէհլիվանեանին, յատկացնելու համար Սուրիա հասնող փախստականներուն։ 100 անգլ. ոսկի, տեղւոյս պարսկ. Ընդհ. Հիւպատոսարանին միջոցաւ, հեռագրով, Սօֆիա, Հ. Հ. ընդհ. հիւպատոս պ. Մավեանին, բաժանելու համար Պուլկարիոյ հայ գաղթականային
59
յանձնաժողովներուն, եւ վերջապէս 200 անգլ. ոսկի պիտի ղրկեմ հեռագրով, Պոլսոյ Խնամատարութեան, անմիջապէս որ պ. Թահթաճեանի Պոլիս գտնուելու մասին հեռագրական հարցումիս պատասխանը ստանամ եւ կամ Խնամատարութեան ատենապետին կամ գանձապետին անունը եւ հասցէն գիտնամ։ Բ. – Աղեքսանդրիոյ Ոսկի Ֆօնտի քովս աւանդ մնացած վերջին զարդեղէնները (բացի տարագիր Տիկին Էլմաս Կէմիճեանի, 350 ղրշ. գնահատուած սօզա մատանիէն, որ իմ քով աւանդ կը մնայ, յառաջիկային Հայաստանի թանգարանը ղրկուելու համար), այսինքն զմրուխտ եպիսկոպոսական մատանի մը, ադամանդակուռ ոսկի ժամացոյց մը եւ lot turc մը, այսօր յանձնեցի Ազն. Տիկ. Գալֆաեան խանի, խնդրելով որ հաճի կազմել յատուկ յանձնաժողով մը եւ ասոր միջոցաւ զանոնք վիճակահանութեան դնել, իր եւ Յանձնաժողովի յարմար դատելիք պայմաններով եւ արդիւնքը յատկացնել Փոքր Ասիոյ աղէտեալ հայրենակիցներուն։ Իմ մօտս կը մնայ տակաւին 70 անգլ. ոսկւոյ գումար մը զոր պիտի պահեմ, Հ. Հ. Բարիզի Պատուիրակութեան հրահանգին համաձայն, ի հարկին յատկացուելու համար Հ. Հ. անկախութեան փոխառութեան գումարներու վերադարձին համար ըլլալիք դատական եւ այլ ծախքերուն համար, որոնք ի հարկէ յառաջիկային պէտք է վերադարձուին, փոխառութեան տարածման համար եղած ծախքերուն հետ, փոխատուներու կողմէ, յատկացուելու համար նոյնպէս աղէտեալ հայրենակիցներու137։ Ինչպէս Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութեան առնչութեամբ տեսանք, 1923 Մարտ-Ապրիլի Մարիամ Աւագի դատավարութեան ծախքերը իրապէս կը հոգայ Թիւթիւնճեան։ Բայց միւս կողմէն, տեղեկատուութեան մէջ յիշուող բոլոր անունները Դաշնակցական գործիչներ են կամ Դաշնակցական կառավարութեան հետ սերտ համագործակցութիւն ունեցած անձեր, չմոռնալով` որ Թիւթիւնճեան ինքը Դաշնակցական մըն է. Տիգրան Չայեան` նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ Յունաստանի մէջ։ Տոքթ. Պաղտասար Մելքոնեան` նախկին Հայկական Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Պէյրութի մէջ։ Յ. Մավեան, նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր հիւպատոս Սոֆիայի մէջ։ Ֆ. Թահթաճեան` նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ Թուրքիոյ մէջ։ Իսկ ինքնուրոյն որոշումով դրամի առաքումին հանգամանքը պիտի չվրիպէր Արեւի ուշադրութենէն. Հանրութեան անծանօթ չէ որ Ոսկի Ֆօնտի եւ Փոխառութեան գումարները նուիրատուներու կողմէն յատկացուած էին Հայաստանի համար։ Հիմա, կը տեղեկանանք թէ այդ
60
գումարին մէկ մասը յատկացուած է ուրիշ նպատակի մը` տարագիրներու եւ գաղթականներու օգնութեան գործին համար։ Շատ պարզ իրաւական խնդիր մըն է, որ նպատակի մը համար նուիրուած գումար մը այլեւս ետ չստացուիր, եւ մանաւանդ աւանդապահ մը երբեք իրաւասութիւն չունի առանց ենթակային հաւանութեան ինքնագլուխ կարգադրութիւններ ընելու եւ ուրիշ հասցէներու ղրկելու այդ գումարը138։
Արեւի յաջորդ հարցումը կ’ըլլայ` ինչո՞ւ մնացածը կը տրուի անձամբ Տիկ. Գալֆաեան խանին, որ Աղեքսանդրիոյ Տիկնանց Յանձնախումբին անդամ է, այլ ոչ Տիկնանց Յանձնախումբին. Ասկէ զատ, յայտարարութիւնը բացորոշ կերպով կ’ըսէ թէ ֆօնտին մաս կազմող ոսկեղէնն ու գոհարեղէնը պիտի յանձնուին Աղեքսանդրիոյ Տիկնանց Յանձնաժողովին։ Ի՞նչու համար արդեօք Պ. Թիւթիւնճեան փոխանակ Տիկնանց Յանձնաժողովին, – որուն կ’անդամակցի նաեւ Տիկին Գալֆաեան խան – այդ ոսկեղէններն ու գոհարեղէնները կը յանձնէ անհատաբար Ազն. Տիկնոջ եւ անկէ կը խնդրէ «որ հաճի կազմել յատուկ յանձնաժողով մը եւ անոր միջոցաւ զանոնք վիճակահանութեան դնել»139։
ԹՈՐԳՈՄ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՄԱՏԱՆԻՆ
Բաւական աղմուկ կը բարձրացնէ Թորգոմ Սրբազանի մատանին։ Սրբազանը կը խնդրէ վերադարձնել մատանին` զայն նուիրաբերելու համար Հայաստանին։ Կը պարզուի, որ այնքան ալ դիւրին չէ զայն ետ ստանալը։ Վերը տեսանք, որ 1923 Յունուարին, Թիւթիւնճեան մատանին յանձնած էր Տիկ. Գալֆաեան խանին։ Յետոյ մէկ տարի ետք կ’ըսուի` որ Գալֆաեան չուզելով ստանձնել մատանիին պատասխանատուութիւնը, զայն վերադարձուցած է Թիւթիւնճեանին140։ 1924 Օգոստոսին կը տեղեկացուի` որ այս հարցով Թորգոմ Սրբազան դիմած է Փարիզ Խատիսեանին, որ պատասխանած է` թէ ինք հրահանգ տուած է Տէլէմաք Թիւթիւնճեանին անմիջապէս վերադարձնել մատանին141։ 1925-ին կը նշուի` որ «Այլ եւս կ’երեւի մոռցուեցաւ Ոսկի Ֆօնտին յատկացուած համբաւաւոր մատանին», նշում մը` որ կը փորձէ խնդիրը դարձեալ դարձնել հանրային142։ Բայց ան հանրային կը դառնայ նոյն ինքը Խատիսեանի մէկ սխալին պատճառով։ 1926-ին, Հայրենիքի մէջ կը գրէ` որ Թորգոմ Սրբազանի մատանին յետագային վերադարձուեցաւ տիրոջ143։ Թորգոմ Սրբազան չի հանդուրժեր այս սխալը եւ առաջին անգամ ըլլալով այս
61
հարցին մասին գրաւոր հանդէս կու գայ` հրապարակելով «Բաց նամակ» մը, ուղղուած Խատիսեանին. Մեծայարգ Տէր, 1920-ն Օգոստոսին, երբ դուք, իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ Հայաստանի Հանրապետական Կառավարութեան, այցելեցիք նաեւ Եգիպտոս, ես, Աղեքսանդրիոյ մէջ, ձեր միջոցաւ, Հայաստանի նուիրեցի իմ զմրուխտէ շողակնաւոր թանկարժէք մատանին, զոր Կալկաթայի ազգայիններն ինձ նուիրած էին 1918-ին, Հնդկաստան նուիրակութեանս միջոցին։ Դուք սիրով ընդունեցիք այդ մատանին, եւ պահ մը թէեւ նախ խորհուեցաւ տանիլ զայն եւ Հայաստանի թանգարանին մէջ պահել ի յիշատակ, բայց Օժանդակ Յանձնախումբին որոշումով տնօրինուեցաւ վիճակահանութեամբ կամ վաճառումով դրամի վերածել զայն, եւ արդիւնքը յատկացնել Զինուորական Ֆօնտին։ Դուք հաւանեցաք, եւ մատանին մնաց Յանձնախումբին Ատենադպիր Տէլէմաք Թիւթիւնճեանին մօտ։ Այդ միջոցին, գոհարեղէններու գինը շատ բարձր էր Եգիպտոսի մէջ, բայց մատանին դրամի վերածելու որոշումը, հակառակ քանիցս յայտնուած դիմումներու եւ փափաքներու, չգործադրուեցաւ երբեք, ու մատանին մնաց անոր մօտ, որ ուզած էր պահել զայն իր մօտ։ Վրայ հասան Հայաստանի համար քաղաքական եւ զինուորական ձախորդութեան օրեր, երբ Զինուորական Ֆօնտը, որո՛ւն յատկացնել որոշուած էր մատանիին արդիւնքը, դադրեցաւ գոյութեան իրաւունք ունենալէ, եւ ազգային փոխառութեան գումարները ամենքը վերադարձուեցան։ Տէլէմաք Թիւթիւնճեան ա՛յդ ատեն միայն մտածումը ունեցաւ մատանին դրամի վերածել տալու, երբ ինկած էր գոհարեղինաց արժէքը եւ ընդհանուր սրտաբեկութիւն կը տիրէր. ուզեց զայն վիճակահանութեան դնել Տիկիններու Յանձնախումբի մը միջոցաւ, որ, սակայն, օգտակար եւ պատուաբեր չգտաւ այնպիսի անյարմար ժամանակի մէջ մատանիին համար տնօրինուած այդ կարգադրութիւնը։ Ու մատանին շարունակեց մնալ անոր մօտ, որ չէր ուզեր բաժնուիլ անկէց։ Անցան օրեր, ու երբ Հայաստանի ներկայ Հանրապետութեան Համալսարանի մասին գոհացուցիչ լուրեր ստացուեցան, ես, թուականէս աւելի քան մի տարի առաջ, նամակաւ դիմեցի ձեզի, խնդրելով որ յանձնարարէք ում որ պէտք է ինձ դարձնել մատանին, որպէսզի ես ինքս միջոցներ պատրաստեմ վիճակահանութեամբ կամ վաճառումով արդիւնագործել զայն` յօգուտ Հայաստանի Համալսարանի հայ գրականութեան դասաբեմին։ Դուք հաճեցաք իսկոյն պատասխանել իմ այդ նամակին. ինծի գրեցիք թէ Եգիպտոսէն մեկնած ատեննիդ մատանին թողած էք Տէլէմաք Թիւթիւնճեանի մօտ. զարմանք յայտնեցիք որ անիկա ցարդ չէ վերադարձուեր ինծի, ու խոստացաք գրել իրեն, Թիւթիւնճեանի, որ յանձնէ զայն ինծի։ Դուք անշուշտ գրեցիք ձեր նամակը. բայց իրողութիւնը այն է որ զմրուխտէ շողակնայեռ թանկարժէք մատանին, տակաւին, այսինքն մինչեւ այժմ, կը մնայ անոր մօտ, որ չուզեց երբեք բաժնուիլ անկէ։
62
Այս է ճշմարտութիւնը, զոր գիտեն ամենքը, թէ՛ անոնք որ շատ խօսեցան ու գրեցին եւ թէ՛ անոնք որ բառ մը իսկ չըսին ու չգրեցին անոր մասին։ Եւ սակայն, Ամերիկայի Հայրենիք ամսաթերթի վերջին Յունիս ամսուան այսինքն ութերորդ թիւին մէջ, «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» վերնագրուած ձեր յօդուածին մէջ (էջ 80), երբ ձեր Եգիպտոս գալը եւ Հայաստանի համար եղած նուիրատուութիւնները յիշած ատեննիդ, կը հաճիք վերջապէս խօսքը ընել իմ նուիրած մատանիին, առանց իսկ ակնարկելու անոր մասին ձեր եւ իմ միջեւ կատարուած վերոյիշեալ թղթակցութեան, պարզապէս կ’ըսէք միայն. «Եգիպտոսի թեմական առաջնորդ Թորգոմ եպիսկոպոսը հանեց իր մատէն զմրուխտի մատանին եւ դրաւ սեղանի վրայ։ Ի միջի այլոց ըսեմ, որ ՅԵՏԱԳԱՅԻՆ ԱՅԴ ՄԱՏԱՆԻՆ ԻՐԵՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԵՑԱՒ»։ Ձեր այս հրապարակային եւ գրաւոր արտայայտութենէն կը հասկցուի թէ դուք զոհ գացած էք կամ խտրկանքի մը եւ կամ խաբէութեան մը, այսինքն կամ պարզօրէն կը կարծէք կամ խաբած են զձեզ թէ մատանին վերադարձուած է ինծի։ Ես որ այս մասին ցարդ ոչ մէկ բառ գրեցի, տեսնելով իրողութեան մասին գործուած հրապարակային սխալը` պարտականութիւն կը նկատեմ ինծի հրապարակաւ յայտնել ձեզ թէ մատանին երբեք չէ յանձնուած ինծի, եւ կը մնայ անոր քով, ուր եղած է սկիզբէն, այսինքն վեց տարիներէ ի վեր։ Պէտք է սակայն որ վերջ տրուի այս զաւեշտին, այսինքն հարկ է որ դուք խստիւ պատուիրէք որ անիկա վերադարձուի ինծի, անյապաղ։ Մատանին իմս էր, ինծի՛ նուիրուած ըլլալով. ա՛լ իմս չէ սակայն անիկա, քանի որ Հայաստանի նուիրած էի զայն. բայց քանի որ, բուն ժամանակին, այս կամ այն պատճառներով, անիկա չյատկացուեցաւ իր նպատակին, պէտք է որ վերադարձուի ինծի, ինչպէս խոստացած էիք, իմ միջոցաւ արդիւնագործուելու եւ յատկացուելու համար իր նպատակին, այսինքն Հայաստանի այժմեան Համալսարանի հայ գրականութեան դասաբեմի օգտին։ Կը սպասեմ սիրով որ դուք հաճիք կատարել ձեր խոստումը։ Յարգական զգացումներով եւ ողջունիւ ԹՈՐԳՈՄ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ144 Երուանդ Օտեանի երգիծական գրիչէն չէր կրար վրիպիլ մատանիին հարցը. Մատանի մըն է այս որ իր վրայ խօսեցնելու յատկութիւնը ունի։ Վերջին անգամ Պ. Ա. Խատիսեանն էր որ Հայրենիք ամսաթերթին մէջ կը յայտարարէր. «Եգիպտոսի թեմական առաջնորդ Թորգոմ եպիսկոպոսը հանեց իր մատէն զմրուխտէ մատանին եւ դրաւ սեղանին վրայ։ Ի միջի այլոց ըսեմ որ յետագային այդ մատանին իրենց վերադարձուեցաւ»։ Իսկոյն Վերնատունէն փութացի դիտել տալ թէ մատանին չէ վերադարձուած Նորին Սրբազնութեան։ Քանի մը օր ետքը Թորգոմ Եպիսկոպոս ինքն ալ «Բաց նամակ»-ով մը Արեւի միջոցաւ կը յայտարարէր թէ մատանին երբեք չէ յանձնուած իրեն։ Եւ թէ կը մնար անոր քով ուր եղած է
63
սկիզբէն, այսինքն Պ. Տէլէմաք Թիւթիւնճեանի քով։ Հոս է որ խնդիրը կը կնճռոտի որովհետեւ բաւական չէ գիտնալ թէ ո՛ւր կը գտնուի մատանին, այլ մանաւանդ պէտք է գիտնալ թէ ո՛ւր կը գտնուի Տէլէմաք Թիւթիւնճեան։ Արդ, կ’երեւայ թէ շատ մօտերը չէ Թորգոմ Սրբազանի մատանիին աւանդապահը։ Ամենէն մերձաւոր տեղը զոր իրեն համար կը մատնանշեն Չինաստանն է...145։ Անհասկնալի պատճառներով, մատանին կը յայտնուի Աղեքսանդրիոյ Քաղաքական Ժողովին ձեռքը, որ կը յայտարարէ` թէ 1927 Յունուար 9-ին աճուրդի պիտի դնէ զայն եւ քանի մը ուրիշ առարկաներ` յօգուտ Շիրակի աղէտեալներուն։ Թորգոմ Սրբազան այլեւս չ’ուզեր այս գործով զբաղիլ։ Արեւ կ’որոշէ մասնակցիլ աճուրդին, գնել մատանին եւ զայն վերադարձնել Թորգոմ Սրբազանին։ Իրապէս, իր ներկայացուցիչ Յովսէփ Եուսուֆեանի միջոցով կը յաջողի 85 ոսկիով գնել զայն։ Ապա Արեւ կոչ կ’ընէ եգիպտահայութեան հանգանակութեան միջոցով ամբողջացնել գումարը146։ Հանգանակութիւնը կը սկսի եւ Արեւ կը սկսի հրատարակել նուիրատուներուն ցանկերը։ Հանգանակութիւնը կ’ընթանայ եւ մինչեւ Փետրուար կը հաւաքուի 5940 եգ. դահեկան147, այսինքն 59 ոսկի 40 ղրուշ։ Վերջին հարցում մը։ Ինչո՞ւ Արեւ այսքան հետաքրքրուած էր փրկելու Թորգոմ Սրբազանի մատանին։ Հաւանաբար, որովհետեւ այդ ժամանակ Յուսաբեր իր էջերուն մէջ քննադատութեան կ’ենթարկէր Սրբազանը` բաւական չհիմնաւորուած ամբաստանութիւններով, մատանիէն անդին գտնուող հարցերու առնչութեամբ։ Կը թուի թէ Արեւ կը փորձէր օգտագործել այս հանգամանքը, ցուցադրելու համար իր համակրութիւնը Առաջնորդ Հօր հանդէպ։
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
1920 Օգոստոս 17-24-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր պատուիրակ Ալեքսանդր Խատիսեան կ’այցելէ Եգիպտոս, գլխաւոր նպատակ ունենալով յաջողցնել Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը։ Այցելութիւնը կը յառաջացնէ իր նախադէպն ու յետադէպը չունեցող ոգեւորութիւն եգիպտահայութեան մօտ` շարժելով հասարակութիւնը եւ միացնելով իրարամերժ կուսակցութիւնները։ Ազատ ու անկախ Հայաստանի լուսաւոր տեսլականը միացած էր Խատիսեանի անձնական հաղորդականութեան եւ խօսքի հռետորականութեան հետ։ Միաժամանակ, Խատիսեանի առաջարկով կը հիմնուի Ոսկի Ֆոնտ մը` որմէ գոյացած գումարները ուղղակիօրէն պիտի յանձնուէին Հայաստանի Հանրա-
64
պետութեան։ Ոսկի Ֆոնտի հանգանակութիւնը անմիջապէս կը սկսի Խատիսեանի ներկայութեամբ, որ կը հասնի որոշ գումար մը իր հետ վերցնելով տանիլ Հայաստան։ Խատիսեանի մեկնումէն ետք, Փոխառութիւնը յաջողութեամբ կը կարգադրուի Պանք տ’Աթէնի միջոցով եւ կ’արձանագրէ նշանակալի մասնակցութիւն։ Թափով կ’ընթանայ նաեւ Ոսկի Ֆոնտի հանգանակութիւնը։ Ի տարբերութիւն Փոխառութենէն` որ կ’ընթանայ պաշտօնական պանքի ընդմէջէն, Ոսկի Ֆոնտի նիւթական արդիւնքներուն տնօրինութիւնը կը յանձնուի եգիպտահայ յանձնախումբերու եւ անհատներու։ Հայաստանի համայնավարացումէն ետք` 1920 Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին, նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան Փարիզի Պատուիրակութիւնը անյաջող փորձ կը կատարէ Եգիպտոսի Փոխառութեան գումարները վերադասաւորել` զանոնք հասցէագրելու յատուկ անձերու անուններով, բարեգործական նպատակներու բնաբանին տակ։ 1923-ին, Փոխառութիւնը դատական վճիռով վերջնականապէս կը լուծարքուի եւ պանքին դրամները կը վերադարձուին փոխատուներուն։ Քիչ մը անորոշ ճակատագիր կ’ունենայ Ոսկի Ֆոնտը, որուն մէկ մասը, առանց նուիրատուներու իրազեկութեան, կը փոխանցուի նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան Փարիզի Պատուիրակութեան թելադրած անուններուն` դարձեալ բարեգործութեան անունին տակ։ Ընդհանուր առմամբ, ամբողջ գործընթացքը անօրինակ սրտաշարժ յուզումնականութենէ եւ համայնական վարակիչ տրամադրութենէ կը վերածուի անձնականացուած նկրտումներու` անհատապէս փրկելու տեղադրուած գումարը կամ զայն իւրացնելու բարեգործական անունին տակ։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Մ. Ս. Կ., «Հայաստանի օրը», Արեւ, Աղեքսանդրիա, 20 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 44 (804), էջ 1։ 2. Մ. Ս. Կ., «Ինքնամփոփում», Արեւ, 30 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 48 (808), էջ 1։ 3. «Խմբագրական. «Ոսկի Ֆօնտի մատանին»», Արեւ, 22 Մայիս 1924, Ժ. տարի, թիւ 140 (1599), էջ 2։ 4. «Հ. Հ. Անկախութեան փոխառութիւնը», Արեւ, 18 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 43 (803), էջ 2։ Ալ. Խատիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, Համազգային Հայ Մշակութային Ընկերակցութիւն, 1968, էջ 220-221։ 5. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 223-234։ 6. «Պ. Խատիսեանի ժամանումը», Յուսաբեր, Գահիրէ, 17 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 59, էջ 3։ «Ն. Վ. Ա. Խատիսեան մեր մէջ», Արեւ, 18 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 43 (803),
65
էջ 3։ Թղթակից, «Պ. Ա. Խատիսեան Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 19 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 60, էջ 2։ Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 234։ 7. Մ. Ս. Կիւրճեան, «Պ. Ա. Խատիսեան մեր մէջ», Արեւ, 18 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 43 (803), էջ 1։ 8. «Ողջո՜յն արարատեան հրաւիրեալին», Յուսաբեր, 19 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 60, էջ 1։ 9. Թղթակից, «Պ. Ա. Խատիսեան Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 19 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 60, էջ 2։ 10. Մ. Ս. Կիւրճեան, նշ. յօդ.ը, էջ 1։ 11. Անդ, էջ 1։ 12. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 236։ 13. «Ն. Վ. Ա. Խատիսեան մեր մէջ», Արեւ, 18 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 43 (803), էջ 3։ 14. Թղթակից, «Պ. Ա. Խատիսեան Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 19 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 60, էջ 2։ 15. «Ն. Վ. Ա. Խատիսեան մեր մէջ», Արեւ, 18 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 43 (803), էջ 3։ 16. «Ն. Վ. Ա. Խատիսեան մեր մէջ», Արեւ, 18 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 43 (803), էջ 3։ Թղթակից, «Պ. Ա. Խատիսեան Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 19 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 60, էջ 2։ 17. «Ն. Վ. Ա. Խատիսեան մեր մէջ», Արեւ, 18 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 43 (803), էջ 3։ 18. «Պ. Աղեքս. Խատիսեանի ճառը», Արեւ, 20 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 44 (804), էջ 2-3։ 19. Անդ, էջ 2-3։ 20. «Հայաստանի ներքին Փոխառութեան Աղեքսանդրիոյ Յանձնախումբը», Արեւ, 23 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 45 (805), էջ 2։ «Վրիպակ», Արեւ, 27 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 47 (807), էջ 3։ «Անկախութեան փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 31 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 65, էջ 1-2։ «Հ. Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Արեւ, 1 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 49 (809), էջ 1-2։ 21. «Հ. Հ. Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 15 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 55 (815), էջ 3։ 22. «Աղեքսանդրիոյ Ալհմապրայի պատմական հաւաքոյթը», Յուսաբեր, 21 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 61, էջ 2-3. 24 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 62, էջ 1. 28 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 64, էջ 1։ «Պ. Աղեքսանդր Խատիսեան կը խօսի Աղեքսանդրիոյ հայ հասարակութեան», Արեւ, 23 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 45 (805), էջ 1։ 23. «Հայկ. Հանրապետութեան Ոսկիի Ֆօնտը», Արեւ, 20 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 44 (804), էջ 2։ «Պ. Աղեքսանդր Խատիսեան կը խօսի Աղեքսանդրիոյ հայ հասարակութեան», Արեւ, 23 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 45 (805), էջ 1։ 24. «Ճշդում», Արեւ, 25 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 3։ 25. Թղթակից, «Պ. Ա. Խատիսեան Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 19 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 60, էջ 2։ «Պ. Աղեքսանդր Խատիսեան կը խօսի Աղեքսանդրիոյ հայ հասարակութեան», Արեւ, 23 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 45 (805), էջ 1։ «Ճշդում», Արեւ, 25 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 3։ 26. Մ. Ս. Կ., «Հայաստանի օրը», Արեւ, 20 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 44 (804), էջ 1։
66
27. «Ն. Վ. Ա. Խատիսեան մեր մէջ», Արեւ, 18 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 43 (803), էջ 3։ «Սավօյ հօթէլին հացկերոյթը», Արեւ, 20 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 44 (804), էջ 3։ «Ճշդում», Արեւ, 27 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 47 (807), էջ 3։ 28. «Սավօյ հօթէլին հացկերոյթը», Արեւ, 20 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 44 (804), էջ 3։ 29. «Պ. Ա. Խատիսեան Եգիպտոսի մէջ. ժողովրդային խանդավառ ընդունելութիւն», Յուսաբեր, 21 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 61, էջ 2։ Երուանդ Թօգաթլեան, «Յիշատակելի օր մը Թանթայի հայ փոքրիկ գաղութին համար», Արեւ, 30 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 48 (808), էջ 1-2։ 30. «Պ. Ա. Խատիսեան Եգիպտոսի մէջ. ժողովրդային խանդավառ ընդունելութիւն», Յուսաբեր, 21 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 61, էջ 1։ 31. Անդ, էջ 1։ 32. Անդ, էջ 1։ 33. «Տէր եւ Տիկին Խատիսեան Գահիրէի մէջ», Արեւ, 23 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 45 (805), էջ 2։ 34. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 236-237։ 35. «Պ. Ա. Խատիսեան Եգիպտոսի մէջ. ժողովրդային խանդավառ ընդունելութիւն», Յուսաբեր, 21 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 61, էջ 1։ «Տէր եւ Տիկին Խատիսեան Գահիրէի մէջ», Արեւ, 23 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 45 (805), էջ 2։ 36. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 236։ 37. «Տէր եւ Տիկին Խատիսեան Գահիրէի մէջ», Արեւ, 23 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 45 (805), էջ 2։ 38. «Պ. Ա. Խատիսեան Եգիպտոսի մէջ. ժողովրդային խանդավառ ընդունելութիւն», Յուսաբեր, 21 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 61, էջ 1-2։ 39. Անդ, էջ 2։ 40. Անդ, էջ 2։ 41. «Տէր եւ Տիկին Խատիսեան Գահիրէի մէջ», Արեւ, 23 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 45 (805), էջ 2։ 42. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 236։ 43. Ա. «Պաշտօնական ընդունելութիւն եւ զեկոյց», Յուսաբեր, 24 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 62, էջ 1-2։ 44. Ա., «Կիրակի օրուան պատմական հաւաքոյթը», Յուսաբեր, 26 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 63, էջ 2։ 45. Անդ, էջ 2։ 46. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 238-239։ 47. «Հայկ. Բարեգործ. Ընդհ. Միութիւն», Արեւ, 25 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 2։ Ա., «Կիրակի օրուան պատմական հաւաքոյթը», Յուսաբեր, 26 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 63, էջ 2։ Սեւակ, «Պ. Ալ. Խատիսեան Գահիրէի մէջ. ընդունելութիւն Հ.Բ.Ը.Միութեան պաշտօնատան մէջ», Արեւ, 1 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 49 (809), էջ 1։ 48. Ա., «Կիրակի օրուան պատմական հաւաքոյթը», Յուսաբեր, 26 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 63, էջ 2։ 49. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 238։
67
50. Ա., «Կիրակի օրուան պատմական հաւաքոյթը», Յուսաբեր, 26 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 63, էջ 2։ «Անկախութեան փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 31 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 65, էջ 1։ «Հ. Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Արեւ, 1 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 49 (809), էջ 1։ 51. «Անկախութեան փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 31 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 65, էջ 1-2։ «Հ. Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Արեւ, 1 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 49 (809), էջ 1-2։ 52. «Անկախութեան փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 31 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 65, էջ 1-2։ «Հ. Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Արեւ, 1 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 49 (809), էջ 1-2։ 53. «Տէր եւ Տիկին Խատիսեան Գահիրէի մէջ. ճաշկերոյթ ի պատիւ Ն. Վ. Պ. Խատիսեանի», Արեւ, 25 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 1։ Սոկրատ, «Շաբաթ օրուայ հացկերոյթը ի պատիւ Հայկ. Հանր. լիազօր պատուիրակ Պ. Ա. Խատիսեանի եւ տիկնոջ», Յուսաբեր, 28 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 64, էջ 1-2։ 54. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 239։ 55. «Պաշտօնական յայտարարութիւն Գահիրէի Հայոց Առաջնորդարանին», Արեւ, 20 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 44 (804), էջ 2։ Սեւակ, «Պ. Ալ. Խատիսեան Գահիրէի մէջ. պատմական միթինկ ամերիկեան Քօզմօկրաֆի մէջ», Արեւ, 3 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 50 (810), էջ 1։ 56. Ա., «Կիրակի օրուան պատմական հաւաքոյթը», Յուսաբեր, 26 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 63, էջ 1-3։ 57. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 237-238։ «Պ. Ալ. Խատիսեան Գահիրէի մէջ. պատմական միթինկ ամերիկեան Քօզմօկրաֆի մէջ», Արեւ, 3 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 50 (810), էջ 1։ 58. Ա., «Կիրակի օրուան պատմական հաւաքոյթը», Յուսաբեր, 26 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 63, էջ 2։ «Տէր եւ Տիկին Խատիսեան Գահիրէի Հայկական Սրահին մէջ», Արեւ, 27 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 47 (807), էջ 2։ 59. Ա., «Կիրակի օրուան պատմական հաւաքոյթը», Յուսաբեր, 26 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 63, էջ 2-3։ «Պ. Ալ. Խատիսեան Եգիպտոսի մէջ. Հայ Ս. Ռամկ. Կուսակցութեան Գահիրէի ակումբին բարի գալուստի ուղերձը Պ. Խատիսեանի», Արեւ, 27 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 47 (807), էջ 1։ Սեւակ, «Պ. Ալ. Խատիսեան Գահիրէի մէջ. հայ Ռամկավար Կուսակցութեան ակումբին մէջ», Արեւ, 3 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 50 (810), էջ 1. 6 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 51 (811), էջ 2։ 60. «Պ. Ա. Խատիսեանի մեկնումը», Յուսաբեր, 24 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 62, էջ 3։ Սեւակ, «Պ. Ալ. Խատիսեան Գահիրէի մէջ. մեկնում Պ. Խատիսեանի դէպի Աղեքսանդրիա», Արեւ, 6 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 51 (811), էջ 2։ 61. «Թանթայի գաղութը եւ Հայաստանի լիազօր պատուիրակը», Արեւ, 25 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 2։ Երուանդ Թօգաթլեան, «Յիշատակելի օր մը Թանթայի հայ փոքրիկ գաղութին համար», Արեւ, 30 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 48 (808), էջ 2։ 62. X., «Պ. Ա. Խատիսեանի Աղեքսանդրիա վերադարձը», Յուսաբեր, 26 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 63, էջ 3։ 63. «Թանթայի գաղութը եւ Հայաստանի լիազօր պատուիրակը», Արեւ, 25 Օգոստոս
68
1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 2։ Երուանդ Թօգաթլեան, «Յիշատակելի օր մը Թանթայի հայ փոքրիկ գաղութին համար», Արեւ, 30 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 48 (808), էջ 2։ 64. X., «Պ. Ա. Խատիսեանի Աղեքսանդրիա վերադարձը», Յուսաբեր, 26 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 63, էջ 3։ 65. «Տիկին Ենովքեանի արհեստանոցին մէջ», Արեւ, 25 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 2։ 66. Հ. Ամիրեան, «Ձեռագործի աշխատանոց մը», Հայրենիք, օրաթերթ, Պոսթոն, 10 Օգոստոս 1926, 28-րդ տարի, թիւ 4340, էջ 1։ 67. «Տիկին Ենովքեանի արհեստանոցին մէջ», Արեւ, 25 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 2։ 68. «Ն. Վ. Խատիսեան Գահիրէէն կը վերադառնայ», Արեւ, 23 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 45 (805), էջ 2։ 69. «Ն. Վ. Խատիսեան Ն. Բ. Սուլթանին մօտ», Արեւ, 25 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 2։ X., «Պ. Ա. Խատիսեանի Աղեքսանդրիա վերադարձը», Յուսաբեր, 26 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 63, էջ 3։ Հ., «Պ. Ա. Խատիսեանի Բ. զեկուցումը Աղեքսանդրիոյ Ալհամպրա Թատրոնին մէջ», Յուսաբեր, 2 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 66, էջ 1-2։ 70. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 235-236։ 71. «Ն. Վ. Աղեքսանդր Խատիսեանի փառաւոր ընդունելութիւնը Աղեքսանդրիոյ Սահմ. Ռամկ. ակումբին մէջ», Արեւ, 25 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 1-2։ 72. «Պ. Խատիսեանի Բ. բանախօսութիւնը Ալհամպրայի մէջ», Արեւ, 27 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 47 (807), էջ 1-2. 30 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 48 (808), էջ 1։ Հ., «Պ. Ա. Խատիսեանի Բ. զեկուցումը Աղեքսանդրիոյ Ալհամպրա Թատրոնին մէջ», Յուսաբեր, 2 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 66, էջ 1-2. 7 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 68, էջ 1-2. 9 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 69, էջ 1։ 73. «Մեկնումը», Արեւ, 25 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 46 (806), էջ 2։ «Պ. եւ Տիկին Խատիսեանի մեկնումը», Յուսաբեր, 28 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 64, էջ 2։ 74. Ալ. Խատիսեան, նշ. աշխ.ը, էջ 239։ 75. «Օրուան պատգամը», Յուսաբեր, 28 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 64, էջ 1։ 76. Մ. Ս. Կ., «Ինքնամփոփում», Արեւ, 30 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 48 (808), էջ 1։ 77. Մ. Ս. Կ., «Ինքնամփոփում», Արեւ, 1 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 49 (809), էջ 1։ 78. Թղթակից, «Լուրեր Աղեքսանդրիայէն», Յուսաբեր, 2 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 79, էջ 2։ 79. Անդ, էջ 2։ 80. «Պաշտօնական յայտարարութիւն Հայաստանի Փոխառութեան Գահիրէի եւ շրջաններուն Կեդրոնական Յանձնախումբին», Յուսաբեր, 16 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 72, էջ 2։ «Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 17 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 56 (816), էջ 3։ «Հայաստանի Փոխառութիւնը», Արեւ, 22 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 58 (818), էջ 3։ 81. «Անկախութեան փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 31 Օգոստոս 1920, Զ. տարի, թիւ 65, էջ 1-2։ «Հ. Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Արեւ, 1 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 49 (809), էջ 1-2։ 82. «Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 4 Սեպտեմբեր 1920,
69
Զ. տարի, թիւ 67, էջ 3։ «Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Արեւ, 6 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 51 (811), էջ 3։ 83. «Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 7 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 68, էջ 2։ «Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 17 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 56 (816), էջ 3։ 84. «Պաշտօնական յայտարարութիւն Հայաստանի Փոխառութեան Գահիրէի եւ շրջաններուն Կեդրոնական Յանձնախումբին», Յուսաբեր, 16 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 72, էջ 2։ «Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 17 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 56 (816), էջ 3։ 85. «Հայաստանի Փոխառութիւնը», Արեւ, 22 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 58 (818), էջ 3։ 86. «Հ. Հ. Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 15 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 55 (815), էջ 3։ 87. Անդ, էջ 3։ 88. «Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 4 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 67, էջ 3։ «Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Արեւ, 6 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 51 (811), էջ 3։ 89. «Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 7 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 68, էջ 2։ «Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 17 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 56 (816), էջ 3։ 90. «Հայաստանի Փոխառութիւնը», Արեւ, 22 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 58 (818), էջ 3։ 91. «Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 7 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 68, էջ 2։ «Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 17 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 56 (816), էջ 3։ 92. «Հայաստանի Փոխառութիւնը», Արեւ, 22 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 58 (818), էջ 3։ 93. «Անկախութեան Փոխառութիւնը. արձանագրութիւնները յետաձգուած», Յուսաբեր, 21 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 74, էջ 3։ 94. «Հայկական Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 19 Դեկտեմբեր 1921, Է. տարի, թիւ 98 (1009), էջ 1։ 95. «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 6 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 64 (824), էջ 3. «Հ. Անկախ. Փոխառութիւնը», Յուսաբեր, 7 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 81, էջ 2։ 96. «Հ. Անկախ. Փոխառութիւնը Գահիրէի մէջ», Յուսաբեր, 19 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 86, էջ 3։ 97. «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 18 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 69 (829), էջ 3։ 98. «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 1 Նոյեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 75 (835), էջ 3։ 99. Ա., «Անկախութեան Փոխառութիւնը Գահիրէի մէջ», Յուսաբեր, 12 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 83, էջ 2։
70
100. «Անկախութեան Փոխառութիւնը Եգիպտոսի մէջ», Արեւ, 11 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 66 (826), էջ 3։ Թղթակից, «Անկախութեան Փոխառութիւնը Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 12 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 83, էջ 2։ 101. «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 13 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 67 (827), էջ 3։ 102. «Հ. Անկախ. Փոխառութիւնը Գահիրէի մէջ», Յուսաբեր, 12 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 83, էջ 3։ 103. «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 1 Նոյեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 75 (835), էջ 3։ 104. «Անկախութեան Փոխառութիւնը Զակազիկի մէջ», Յուսաբեր, 19 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 86, էջ 1-2։ Յովհ. Սեքսենեան, «Անկ. Փոխառութիւնը Զակազիկի մէջ», Արեւ, 22 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 71 (831), էջ 2։ Յ. Մ. Սէքսէնեան, «Ազգային կեանքը Զակազիկի մէջ», Արեւ, 10 Նոյեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 79 (839), էջ 1։ 105. Ներկայ մը, «Փոխառութեան տօնը Թանթայի մէջ», Յուսաբեր, 26 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 89, էջ 2-3։ «Անկախութեան Փոխառութիւնը Թանթայի մէջ», Արեւ, 8 Նոյեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 78 (838), էջ 3։ 106. «Անկախութեան Փոխառութիւնը եւ սուտանահայ գաղութը», Արեւ, 15 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 68 (828), էջ 3։ Ն. Մ. Թօգաթլեան, «Սուտանահայ արձագանգ. Հայկ. Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 18 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 69 (829), էջ 1-2։ 107. «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 25 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 72 (832), էջ 3։ 108. «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 1 Նոյեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 75 (835), էջ 3։ 109. «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը. պաշտօնական յայտարարութիւն», Արեւ, 27 Դեկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 99 (859), էջ 3. 10 Յունուար 1921, Զ. տարի, թիւ 105 (865), էջ 3։ «Հ. Անկախ. Փոխառութիւնը. պաշտօնական յայտարարութիւն», Յուսաբեր, 28 Դեկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 116, էջ 3. 11 Յունուար 1921, Զ. տարի, թիւ 122, էջ 3։ 110. «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւն. պաշտօնական յայտարարութիւն», Արեւ, 28 Յունուար 1921, Զ. տարի, թիւ 112 (872), էջ 3։ 111. «Հայ Անկ. Փոխառութիւն», Արեւ, 9 Փետրուար 1921, Զ. տարի, թիւ 117 (877), էջ 3։ 112. «Փոխառութիւն եւ վնասուց հատուցում», Արեւ, 11 Փետրուար 1921, Զ. տարի, թիւ 118 (878) էջ 1. Յովհ. Սէքսէնեան, «Հայկ. Անկախութեան Փոխառութիւն. առաջարկ մը», Արեւ, 28 Փետրուար 1921, Զ. տարի, թիւ 125 (885), էջ 2։ 113. «Պաշտօնական յայտարարութիւն անկախութեան փոխառութեան Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Կեդր. Յանձնաժողովներու», Յուսաբեր, 29 Մարտ 1921, Զ. տարի, թիւ 154, էջ 3։ 114. «Հայկական Անկախութեան Փոխառութիւն», Արեւ, 16 Մայիս 1921, Է. տարի, թիւ 6 (917), էջ 1։ 115. «Հ. Անկախ. Փոխառութեան Աղեքսանդրիոյ Կեդր. Յանձնաժողով. պաշտօնական զեկուցում», Յուսաբեր, 4 Օգոստոս 1921, Է. տարի, թիւ 53, էջ 3։ 116. Անդ, էջ 2-3։
71
117. «Անկախութեան Փոխառութեան մասնակցողներուն», Արեւ, 27 Յուլիս 1921, Է. տարի, թիւ 36 (947), էջ 3։ 118. «Հ. Անկախ. Փոխառութեան Աղեքսանդրիոյ Կեդր. Յանձնաժողով. պաշտօնական զեկուցում», Յուսաբեր, 4 Օգոստոս 1921, Է. տարի, թիւ 53, էջ 2։ 119. «Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 3 Օգոստոս 1921, Է. տարի, թիւ 39 (950), էջ 3։ «Հայկական Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 19 Դեկտեմբեր 1921, Է. տարի, թիւ 98 (1009), էջ 1։ 120. [Լեւոն Մկրտիչեան], «Հայկական Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 19 Դեկտեմբեր 1921, Է. տարի, թիւ 98 (1009), էջ 1-2։ 121. Թ. Թագւորեան, «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 28 Դեկտեմբեր 1921, Է. տարի, թիւ 102 (1013), էջ 2։ «Հայկական Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 2 Յունուար 1922, Է. տարի, թիւ 104 (1015), էջ 2։ 122. [Լեւոն Մկրտիչեան], «Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութեան հաշուեյարդարը», Արեւ, 14 Օգոստոս 1922, Ը. տարի, թիւ 46 (1109), էջ 1։ 123. Անդ, էջ 1։ 124. Անդ, էջ 1։ 125. ««Հայկական Անկախութեան Փոխառութեան» դատը Գահիրէի մէջ», Արեւ, 3 Փետրուար 1923, Թ. տարի, թիւ 46 (1205), էջ 2-3. 5 Փետրուար 1923, Թ. տարի, թիւ 47 (1206), էջ 1։ Այս երկու համարներուն մէջ Արեւ կը հրատարակէ ամբողջ դատավճիռին թարգմանութիւնը։ 126. «Հայկական Անկախութեան Փոխառութեան խնդիրը», Արեւ, 5 Փետրուար 1923, Թ. տարի, թիւ 47 (1206), էջ 2։ 127. «Հայկական Անկախութեան Փոխառութիւնը Աղեքսանդրիոյ Քաղաքային Ատեանին առջեւ», Արեւ, 27 Փետրուար 1923, Թ. տարի, թիւ 65 (1224), էջ 2։ «Հայկական Անկախութեան Փոխառութեան դատը Աղեքսանդրիոյ Խառն Դատարանի Քաղաքային Ատեանին առջեւ», Արեւ, 7 Մարտ 1923, Թ. տարի, թիւ 72 (1231), էջ 2։ 128. «Հայկական Անկախութեան Փոխառութեան դատը շահուած Աղեքսանդրիոյ Խառն Դատարանի Քաղաքային Ատեանին առջեւ», Արեւ, 3 Մարտ 1923, Թ. տարի, թիւ 69 (1228), էջ 2։ «Հայկական Անկախութեան Փոխառութեան դատը Աղեքսանդրիոյ Խառն Դատարանի Քաղաքային Ատեանին առջեւ», Արեւ, 7 Մարտ 1923, Թ. տարի, թիւ 72 (1231), էջ 2։ Վերջին համարին մէջ Արեւ կը հրատարակէ ամբողջ դատավճիռին թարգմանութիւնը։ 129. «Հայկական Անկախութեան Փոխառութեան դատը վերջնականապէս շահուած», Արեւ, 12 Ապրիլ 1923, Թ. տարի, թիւ 101 (1260), էջ 2։ «Հայկական Անկախութեան Փոխառութեան դատը Աղեքսանդրիոյ Վերաքննիչ Խառն Ատեանին առջեւ», Արեւ, 19 Ապրիլ 1923, Բ. տարի, թիւ 107 (1266), էջ 1-2։ 130. «Ոսկիի Ֆօնտին համար», Արեւ, 1 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 49 (809), էջ 3։ 131. «Հայաստանի Ոսկիի Ֆօնտը», Արեւ, 8 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 52 (812), էջ 2։ 132. «Պաշտօնական յայտարարութիւն Հայաստանի Փոխառութեան Գահիրէի եւ շրջաններուն Կեդրոնական Յանձնախումբին», Յուսաբեր, 2 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 66, էջ 3։ «Պաշտօնական յայտարարութիւն Հայաստանի Փոխառութեան Գահիրէի եւ
72
շրջաններուն Կեդրոնական Յանձնախումբին», Արեւ, 3 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 50 (810), էջ 3։ «Անկախութեան Փոխառութիւնը», Արեւ, 17 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 56 (816), էջ 3։ 133. «Հ. Հ. Ոսկիի Ֆօնտ Աղեքսանդրիոյ Յանձնաժողով», Արեւ, 24 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 59 (819), էջ 3։ 134. Օրինակ` «Հ. Հ. Ոսկիի Ֆօնտ. Աղեքսանդրիոյ Յանձնաժողով. հաշուեցոյց», Արեւ, 27 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 60 (820), էջ 3։ «Ոսկիի Ֆօնտը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 28 Սեպտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 77, էջ 3։ «Հ. Հ. Ոսկիի Ֆօնտ. Աղեքսանդրիոյ Յանձնաժողով», Արեւ, 1 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 62 (822), էջ 3։ «Ոսկիի Ֆօնտը Եգիպտոսի մէջ», Յուսաբեր, 9 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 82, էջ 3։ «Հ. Հ. Ոսկիի Ֆօնտ», Արեւ, 13 Հոկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 67 (827), էջ 3։ «Հ. Հ. Ոսկիի Ֆօնտ», Արեւ, 1 Դեկտեմբեր 1920, Զ. տարի, թիւ 88 (848), էջ 3։ 135. «Ե՞րբ պիտի տեղի ունենայ Ոսկի Ֆօնտին հաշուեյարդարութիւնը», Արեւ, 25 Օգոստոս 1922, Ը. տարի, թիւ 51 (1114), էջ 2։ 136. «Եգիպտոսի Ոսկի Ֆօնտը», Հայաստանի ձայն, շաբաթաթերթ, Փարիզ, 6 Յունուար 1923, Ա. տարի, թիւ 25, էջ 6։ 137. ««Ոսկի Ֆօնտ»-ի գումարներու առաքումը», Արեւ, 9 Յունուար 1923, Թ. տարի, թիւ 26 (1185), էջ 2։ 138. «Պարտազանցութեան մը առթիւ», Արեւ, 10 Յունուար 1923, Թ. տարի, թիւ 27 (1186), էջ 2։ 139. ««Ոսկի Ֆօնտ»-ի խնդիրը», Արեւ, 22 Յունուար 1923, Թ. տարի, թիւ 36 (1195), էջ 2։ 140. «Ի՞նչ եղաւ «հրաշագործ մատանին»», Արեւ, 29 Յունուար 1924, Ժ. տարի, թիւ 45 (1504), էջ 2։ 141. «Պատմական մատանին Հայաստանի համար», Արեւ, 14 Օգոստոս 1924, Ժ. տարի, թիւ 1661, էջ 1։ 142. Աղեքսանդրիացի, «Համբաւաւոր մատանին», Արեւ, 30 Ապրիլ 1925, ԺԱ. տարի, թիւ 1878, էջ 2։ 143. Ա. Խատիսեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Հայրենիք, ամսագիր, Պոսթոն, Յունիս 1926, Դ. տարի, թիւ 8 (44), էջ 80։ 144. Թորգոմ Եպիսկոպոս, «Բաց նամակ առ Պ. Ա. Խատիսեան ի Բարիզ», 20 Յուլիս 1926, ԺԲ. տարի, թիւ 2255, էջ 2։ 145. Երուանդ Օտեան, «Վերնատունէն. Թորգոմեան մատանի», Արեւ, 29 Յուլիս 1926, ԺԲ. տարի, թիւ 2263, էջ 2։ 146. «Թորգոմ Սրբազանի մատանին Արեւ օրաթերթին կողմէ գնուած», Արեւ, 10 Յունուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2401, էջ 2։ «Մատանիի խնդրոյն լուծումը», Արեւ, 11 Յունուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2402, էջ 2։ ՍԱՄ, «Թորգոմ Ս.ի մատանին. վերջին դրուագը», Արեւ, 15 Յունուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2406, էջ 2։ 147. «Հանգանակութիւն Թորգոմ Ս.ի մատանիին գնման եւ եգիպտահայ գաղութին կողմէ վերանուիրման համար. Ա. ցուցակ», Արեւ, 14 Յունուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2405, էջ 2. «Բ. ցուցակ», Արեւ, 17 Յունուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2407, էջ 2. «Գ. ցուցակ», Արեւ, 18 Յունուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2408, էջ 2. «Դ. ցուցակ», Արեւ, 19 Յունուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2409, էջ 2. «Ե. ցուցակ», Արեւ, 21 Յունուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2411, էջ 2. «Զ.
73
ցուցակ», Արեւ, 26 Յունուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2415, էջ 2. «Է. ցուցակ», Արեւ, 31 Յունուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2419, էջ 2. «Ը. ցուցակ», Արեւ, 8 Փետրուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2426, էջ 2. «Թ. ցուցակ», Արեւ, 11 Փետրուար 1927, ԺԳ. տարի, թիւ 2429, էջ 2։
74
Մուտք
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Այցելութիւն Եգիպտոս
Այցելութեան նախադրեալները Առաջին օր. Երեքշաբթի, 17 Օգոստոս 1920 Երկրորդ օր. Չորեքշաբթի, 18 Օգոստոս 1920 Երրորդ օր. Հինգշաբթի, 19 Օգոստոս 1920 Չորրորդ օր. Ուրբաթ, 20 Օգոստոս 1920 Հինգերորդ օր. Շաբաթ, 21 Օգոստոս 1920 Վեցերորդ օր. Կիրակի, 22 Օգոստոս 1920 Եօթներորդ օր. Երկուշաբթի, 23 Օգոստոս 1920 Ութերորդ եւ վերջին օր. Երեքշաբթի, 24 Օգոստոս 1920
Յուսաբեր եւ Արեւ կ’ամփոփեն
Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը
Ի՞նչ է Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը Յանձնախումբերուն նիստերը Նախնական համաձայնութիւն Օսմանեան Պանքին հետ Վերջնական համաձայնութիւն Պանք տ’Աթէնի հետ Փոխառութիւնը Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք
Ոսկի Ֆոնտ
Ոսկի Ֆոնտը Խատիսեանի մեկնումէն ետք Թորգոմ Սրբազանի մատանին
Ամփոփում
Ծանօթագրութիւններ
3
4 4 4 7 13 17 20 24 30 37 38
40 40 41 42 43 44
58 58 61 64 65
75
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 2016
Յաւելուած Ա. Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ, նախաբան` Հայկ Աւագեան (59 էջ)
Յաւելուած Բ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ` յիշողութիւն եւ մարտահրաւէր (դասախօսութիւն) (40 էջ)
Յաւելուած Գ. Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր` Հ. Աւագեան (61 էջ)
Յաւելուած Դ. Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը (202 էջ)
2017
Յաւելուած Ե. Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (317 էջ)
Յաւելուած Զ. Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (201 էջ)
Յաւելուած Է. Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (561 էջ)
Յաւելուած Ը. Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքի ուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (546 էջ)
76
Յաւելուած Թ. Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (19401948), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (88 էջ)
Յաւելուած Ժ. Տիրան Կարապետեան. յօդուածներ իր մասին, նկարներու ալպոմ (ծննդեան 135ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (73 էջ)
Յաւելուած ԺԱ. Վանիա Էքսէրճեան. բազմերանգ աշխարհ մը համակ կենսունակութեամբ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (53 էջ)
2018
Յաւելուած ԺԲ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Ա.- Հայկ Աւագեան, Արփիար Արփիարեանի սպանութիւնը (155 էջ)
Յաւելուած ԺԳ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Բ.- Արփիար Արփիարեանի լոնտոնեան թղթածրարը Գահիրէի մէջ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (497 էջ)
Յաւելուած ԺԴ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Գ.- Մարդը ընդդէմ մարդու. մահափորձեր եւ սպանութիւններ հայկական օրինակով (1890-1908), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (169 էջ)
Յաւելուած ԺԵ. 2008 Մարտ 1-ը ըստ Lragir.am-ի, A1+-ի եւ Հետքի (10-ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (625 էջ)
Յաւելուած ԺԶ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Ա. փուլ (13 – 23 Ապրիլ 2018) (32 էջ)
77
Յաւելուած ԺԷ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Բ. փուլ (25 Ապրիլ – 1 Մայիս 2018) (58 էջ)
Յաւելուած ԺԸ. Արմենակ Շահ-Մուրատեան. ժամանակագրութիւն, յօդուածներ, երգացանկ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (580 էջ)
Յաւելուած ԺԹ. Գոհարիկ Ղազարոսեան. ցանկ ստեղծագործութիւններու, սկաւառակագրութիւն, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (160 էջ)
Յաւելուած Ի. Մարուշ Երամեան, Ուրուանկար 1965-1995 թուականներու Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան, ներածութիւն` Հայկ Աւագեան, գնահատանքի խօսք` Արմենակ Եղիայեան (182 էջ)
2019
Յաւելուած ԻԱ. Քիրազ. ընտրանի եգիպտական շրջանի երգիծանկարներու, հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (81 էջ)
Յաւելուած ԻԲ. Հայկ Աւագեան, Վահան Թէքէեանի յօդուածները Արեւ լրագիրին մէջ. հնարաւորութի՞ւն թէ դիմադրութիւն (124 էջ)
Յաւելուած ԻԳ. Հայկ Աւագեան, Արամ Խաչատրեանի ընկալումը եգիպտական շրջանակներու մէջ. փոխուող յարացոյցներ (250 էջ)
Յաւելուած ԻԴ. Վարան Ոյժ, Յակինթի պարտէզը (բանաստեղծութիւն), նախաբան` Հ. Աւագեան (52 էջ)
Յաւելուած ԻԵ. Եւգենեա Արիստակեան, Յուշեր գաղութահայ կեանքից, տեքստի կազմող, առա-
78
ջաբանի եւ ծանօթագրութիւնների հեղինակ` Արծուի Բախչինեան, ներածութիւն` Հ. Աւագեան (264 էջ) Յաւելուած ԻԶ. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ ազատագրական շարժման. դասախօսութիւններու շարք, հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (101 էջ)
Յաւելուած ԻԷ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Ա.- Կոմիտաս վարդապետ, Տարբերակներ դաշնակի ստեղծագործութիւններու, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւն` Հայկ Աւագեան (160 էջ) Յաւելուած ԻԸ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Բ.- Հայկ Աւագեան, Կոմիտաս վարդապետի բաց ստեղծագործութիւն հասկացողութիւնը. տարբերակներ եւ ինքնատարբերակներ Կոմիտասի թեմայով (89 էջ)
Յաւելուած ԻԹ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Գ.- Հայկ Աւագեան, Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի մշակութային ժառանգութիւնը եւ Կոմիտաս վարդապետի Մշոյ Շորորը (127 էջ)
Յաւելուած Լ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Դ.- Ձայնագրեալ Պատարագը Կոմիտաս վարդապետի սրբագրութեամբ (ըստ Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանի ինքնագիր նիւթերուն), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (348 էջ) 2020
Յաւելուած ԼԱ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Ա. հատոր, Ուսումնասիրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (370 էջ)
Յաւելուած ԼԲ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Բ. հատոր, Մատենագիտութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (141 էջ)
79
Յաւելուած ԼԳ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Գ. հատոր, Զանազան գրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (408 էջ)
Յաւելուած ԼԴ. Մասիս Պետրոսեան, Կենսագրութիւն Ապահ Պետրոսեանի եւ քննական պատմութիւն Զէյթունի 1895ի պատմական մեծ ապստամբութեան, հրատարակութեան պատրաստեցին` Տիգրան Գէորգեան եւ Հայկ Աւագեան (392 էջ) Յաւելուած ԼԵ. Հայկ Աւագեան, Ալեքսանդր Խատիսեանի պատմական այցելութիւնը Եգիպտոս եւ Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը. ուղի մը հաւաքականութենէ դէպի անձնականութիւն (80 էջ)
80