ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ԵՐԿՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍ (1918-1920)
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԶ. ԳԱՀԻՐԷ 2020
ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ԵՐԿՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍ (1918-1920)
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԶ. ԳԱՀԻՐԷ 2020
Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան
Այս գիրքը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։
Ստանալու համար դիմել` tchahagir@journalist.com
ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ Զապէլ Եսայեանի անդրանիկ այցելութիւնը Եգիպտոս եղած է 1906 Նոյեմբերէն մինչեւ 1907 Փետրուար, որուն ընթացքին ունեցած է կարեւոր գրական շփումներ Արփիար Արփիարեանի, Վահան Թէքէեանի, Միքայէլ Կիւրճեանի, Սուրէն Պարթեւեանի, Լեւոն Լարենցի եւ ուրիշներու հետ1։ Ի տարբերութիւն առաջին այցելութենէն, 1918-1920-ին Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա կատարած զոյգ այցելութիւնները աւելի հրապարակախօսային բնոյթ կը կրէին եւ կարելի է դիտել Հայաստանի անկախացումի եւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան բնաբանին մէջ։ Այս շրջանի առաջին այցելութիւնը կատարած է Պասրայէն դէպի Եւրոպա երթալու ճամբուն վրայ, իր հետ ունենալով որդին` Հրանտ Եսայեան։ Տեւած է մէկ ու կէս ամիս` 1918 Դեկտեմբեր 18 – 1919 Փետրուար 4, որուն ընթացքին հրաւիրւած է բանախօսելու եւ ունենալու հրապարակային ելոյթներ։ Ստորագրած է երկու յօդուածներ` «Բաց նամակ Եգիպտոսի հայ մամուլին» (Յուսաբեր, 28 Դեկտեմբեր 1918) եւ «Մուրատ (անձնական յիշողութիւններ)» (Յուսաբեր, 4, 6 եւ 8 Փետրուար 1919)։ Եսայեան 1920 Փետրուարին կարճատեւ այցելութեամբ կրկին կը գտնուէր Եգիպտոս, արդէն իբրեւ Փարիզի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ, բանախօսելու Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ կազմակերպուած անկախութեան տօնակատարութիւններուն։ Եգիպտահայ մամուլը հրատարակած է Աղեքսանդրիա կարդացած բանախօսութեան ամբողջական բնագիրը (Արեւ, 25 եւ 27 Փետրուար 1920), ինչպէս նաեւ սղագրած Գահիրէի բանախօսութիւնը (Յուսաբեր, 21 Փետրուար 1920)։ Ներկայ գրքոյկը կը ներկայացնէ Զապէլ Եսայեանի այս երկու այցելութիւններուն ուղեգրութիւնները, վերահրատարակելով առաջին այցելութեան երկու յօդուածները եւ երկրորդ այցելութեան Աղեքսանդրիոյ բանախօսութիւնը եւ Գահիրէի բանախօսութեան սղագրութիւնը։
3
ԱՌԱՋԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ 1918 Դեկտեմբերին, Երուանդ Տէրվիշեան Պասրայէն կ’իմացնէ Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Միութեան` թէ Զապէլ Եսայեան ճամբայ ելած է դէպի Սուէզ2։ Դեկտեմբեր 18-ին, Սուէզէն երկաթուղիով կը հասնի Գահիրէ3։ Զապէլ Եսայեան Եգիպտոս կու գար իր որդիի` Հրանտ Եսայեանի հետ։ Այցելութիւնը անձնական բնոյթ կը կրէր եւ միջոց մըն էր տեղափոխուելու Փարիզ։ Հրանտ Եսայեան իր յուշերուն մէջ կը մանրամասնէ.
Բաղդադ հասանք [իմա` Զապէլ եւ Հրանտ Եսայեաններ, Հ.Ա.] ամռան [1918] վերջին։ Այստեղ էին գտնւում հօրաքոյրս եւ իր զաւակները, որոնց մօտ հիւրընկալուեցինք որոշ ժամանակ։ Բաղդադից մեկնեցինք Բասրա, կարծեմ` գնացքով։ Հիւրն էինք մի ունեւոր հայի։ Նա ունէր փայտամշակման մեծ արհեստանոց, որտեղ վխտում էին կարիճները։ Շուրջ բոլորն արմաւենիներից անտառներ էին։ 1918 թուականի աշնան սկիզբն էր։ Պատերազմի պայմաններում քաղաքացիական երթեւեկութիւնը չէր գործում։ Բասրայից Եւրոպա գնալու միայն մի հնարաւորութիւն կար` առեւտրական նաւերը։ Ներկայացաւ այդպիսի առիթ, առեւտրական մի նաւ մեկնելու էր Աֆրիկա եւ այն շրջանցելով` Ֆրանսիայի ափերը։ Այդ հեռանկարն ինձ, բնականաբար, շատ էր ոգեւորում։ Ինչը կարող էր աւելի հրապուրիչ լինել, քան երկու անգամ կտրել հասարակածը եւ անցնել մշտական փոթորիկների` Բարեհուսո հրուանդանի ափերի մօտով։ Բայց ինչ-որ պատճառով այդ ծրագիրը չիրականացաւ։ Ճանապարհորդութիւնը կատարեցինք մի ուրիշ առեւտրական նաւով, որ մեկնելու էր։ Այդ ճանապարհորդութիւնն էլ շատ հետաքըրքրական էր, մանաւանդ, երբ անցնում էինք Կարմիր Ծովով։ Իրօք, ծովը կարմրին էր տալիս ծփացող ալիքներով։ Մայրս մշտապէս հիանում էր այդ տեսարանով։ Մի օր տեսնելով անգլիացի մի ուղեւորի, որը չէր դիտում ծովը, նա հարցնում է. - Մի՞թէ ձեզ չի հետաքրքրում այս սքանչելիքը։ - Ի՞նչ կարիք կայ նայելու, քանի որ արդէն տեսել եմ։ Մայրս դա որպէս անգլիական սառնարիւնութեան օրինակ էր բերում։ Մեր նաւը դանդաղ էր առաջանում եւ օրերով կանգնում նաւահանգիստներում։ Յիսուն օր պահանջուեց Սուէզ հասնելու համար։ Դեռ Սուէզում էինք, երբ իմացանք, որ զինադադար է կնքուած։ Աւարտուել էր առաջին համաշխարհային պատերազմը։ Սուէզից գնացքով մեկնեցինք Կահիրէ, որտեղ ապրում էր հօրս ազգականուհին՝ Հայկանուշը։ Նրա ամուսինը` Կարօ Պալեանը, քաղաքի անուանի ճարտարապետներից էր։ Նրանց որդին` Հրազդանը, նոյնպէս ճարտարապետ դարձաւ։ Կահիրէում սպասում էինք միջերկրածովեան նաւագնացութեան վերականգնմանը։
5
Առաջին մարդատար նաւով Ալեքսանդրիայից [պէտք է ըլլայ` Փոր-Սայիդից, Հ.Ա.] մեկնեցինք դէպի Մարսէլ4։ Պատահմամբ, նոյն շոգենաւով Պասրայէն Սուէզ կը փոխադրուէին (որմէ ետք երկաթուղիով պիտի երթային Փոր-Սայիտ) հայ տարագրեալներ, Տոքթ. Կորեկեանի ուղեկցութեամբ։ Կորեկեան իր նկարագրականին մէջ կը յիշէ Եսայեանը. Մեր շոգենաւին մէջ կը գտնուէր նաեւ գրագիտուհի Տիկին Զապէլ Եսայեանը որ դժբախտաբար ծաղկախտի պատճառաւ իր ազգայնական պարտականութիւնը չկրցաւ կատարել5։ Հակառակ այցելութեան անձնական բնոյթին, նորութիւն մը պիտի չըլլայ ըսել` որ Եսայեան չի կրնար տեղ մը այցելել առանց խօսելու, գրելու, պայքարելու եւ մանաւանդ ներթափանցելու տեղական կեանքին մէջ։ Գահիրէ ժամանելէն մէկ օր ետք` Կիրակի, 1918 Դեկտեմբեր 19-ին, Հոթէլ Նասիոնալի մեծ սրահը տեղի կ’ունենայ թէյասեղան ի պատիւ Եսայեանի, Կարգադիր Յանձնախումբի մը նախաձեռնութեամբ։ Յովհաննէս Սեթեանի բացումի խօսքէն ետք ելոյթ կ’ունենայ Եսայեան. Տիկին Զ. Եսայեան, Տիար Նախագահին հրաւէրին վրայ, մօտաւորապէս ժամ մը խօսեցաւ Կովկասի անցքերուն վրայ, ի յայտ բերելով վերլուծումի եւ վերարտադրութեան վերին աստիճան ընդունակ ճկուն միտք մը, դիւթիչ ոճով մը զուգորդուած։ Համակրելի գործիչը խոր տպաւորութիւն յառաջ բերաւ իր ունկնդիրներուն մէջ6։ Դեկտեմբեր 28-ին, Յուսաբերի մէջ կը ստորագրէ հրապարակախօսական գեղեցիկ յօդուած մը` «Բաց նամակ Եգիպտոսի հայ մամուլին» (տես էջ 13-14), որ, բացի իր գլխաւոր միտքէն, կը բովանդակէ բազմաթիւ ներքին նրբութիւններ։ Առաջնային գաղափարը այն է` որ զոհողութիւններով ձեռք բերուած Հայաստանի անկախութիւնը պէտք է ամէն գինով պահպանել։ «Յաջողեցանք ահաւոր երկունքէ մը յետոյ օրօրոցի մը վերածել զայն»։ Ուրեմն, անկախ Հայաստանը մանուկ մըն է, զոր պահպանելու համար անխուսափելի են զոհողութիւնները։ Զոհողութիւններուն գլխաւորն է հրաժարիլ քննադատութենէ, իսկ քիչ մը աւելի ճշդելով ու մաղելով` դժգոհելէ ու խծբծելէ։ Գալով հայ-թրքական հաշտութեան հանգամանքին, այսինքն` դահիճներու հետ բանակցութիւններուն, ան, բացի գործնականօրէն տաժանելի անհրաժեշտութիւն մը ըլլալէ, գթութիւն մըն է դահիճին հանդէպ։ Գթութիւն, կարելի էլ ըսել, դահիճի անտեղեակ, տգէտ բարբարոսութեան նկատմամբ։ Այս գթութեան համար բանակցողները աւելի բան զոհեցին քան իրենց կեանքը7։ 1919 Յունուար 3-ին, Մարի Չայլագեան անձնական հանդիպում կ’ունենայ հետը.
6
Ինչի որ իր մէջ հիացայ այդ օրը, իր հոգեկան արիութիւնն էր ան, աննուաճ, անսպառելի, որ կանացի այդ փափուկ ազազուն կազմուածքին մէջէն կեանքի ու կենսունակութեան վճիտ աղբիւրի մը պէս դուրս կը յորդազեղէր` հոգիդ ու կամքդ պարուրելով, պատուաստելով ներոյժ ու անտեղիտալի խանդավառութեամբ մը8։ Շաբաթ, Յունուար 4-ին` դասախօսութիւն Գահիրէի Հ. Յ. Դաշնակցութեան սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայ Երիտասարդաց Միութեան. Յարգելի գրագիտուհի Տիկ. Զապէլ Եսայեանի ներկայութիւնը ոգեւորութիւն մը առաջ կը բերէ Գահիրէի հայութեան մէջ։ Յայտնի գրագիտուհին առիթը կու տայ մեզի ըմբոշխնելու իր պարզ, յստակ ոճով տուած դասախօսութիւնները, որոնք ընդհանրապէս կը դառնան Կովկասի մէջ հայերու կողմէ մղուած հերոսամարտին շուրջ։ Այսպէս, Շնորհքով մարդիկի նրբաճաշակ հեղինակը անցեալ Շաբաթ երեկոյ խօսեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան սրահին մէջ, ուր դասախօսելու հրաւիրուած էր Հ. Ե. Միութեան կողմէ։ Այս դասախօսութեան մէջ մեր հմուտ գրագիտուհին մասնաւորապէս պարզեց հայ երկսեռ երիտասարդութեան հայկական կռիւներու մէջ մատուցած ծառայութիւնը։ Պ. Վ. Գէորգեան Հայ Երիտասարդաց Միութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր նուիրելով միեւնոյն ատեն գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը։ Շնորհակալութեան խօսք ըրաւ նաեւ ծերունազարդ Պ. Հ. Երամեան, որ հայրենիքէն խապրիկ բերող կռունկի նմանցուց մեր արիասիրտ կին գործիչը։ Այս դասախօսութեան առթիւ 30 նոր անդամներ աւելցան Հ. Ե. Միութեան անդամներուն թիւին վրայ9։ Յաջորդ օրը` Կիրակի, Յունուար 5-ին, դասախօսութիւն Գահիրէի Ամերիքըն Միշընի սրահին մէջ, Հայ Երիտասարդական Քրիստոնէական Ընկերակցութեան հրաւէրով. Հոս ալ յարգելի տիկինը Կովկասի վերջին դէպքերուն պատմականը ըրաւ, զինուորական ճշգրիտ եւ պարզ լեզուով մը, որուն համար իրաւամբ Վերպ. Խանդամուր նշմարեց մեր գրագիտուհիին մէջ զինուորական փորձերու հասկացողութիւն եւ հմտութիւն, եւ այս առթիւ առաջարկեց մեր աղէտէն վերապրողներուն համար նուիրատուութիւն մը, որ կատարուեցաւ պնակներու շրջագայութեամբ10։ 1919 Յունուար 6-ին` համաձայն Յուսաբերի, կամ Յունուար 7-ին` համաձայն Արեւի, Գահիրէէն գնացքով կը ժամանէ Աղեքսանդրիա, ուղեկցութեամբ Եգիպտահայ Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Գուշակեանի։ Կայարանը դիմաւորութեան կ’երթան` Հայ Ազգային Միութեան, Հայ Ակումբի եւ Հայ Յառաջդիմասէր Երիտասարդաց Ընկերակցութեան ներկայացուցիչները։ Կ’իջեւանի Կրանտ Օթէլ պանդոկը11։ Հինգշաբթի, Յունուար 9-ի կէսօրէ ետք, Ազգային Միութեան նախաձեռնու-
7
թեամբ, Աղեքսանդրիոյ Սաւոյ պանդոկին մէջ կը տրուի շքեղ թէյասեղան ի պատիւ Թուրքիայէն վերջերս վերադարձած եւ հայոց մարտիրոսութեան ականատես ֆրանսացի Պ. Ռըպուռի։ Ներկայ էր նաեւ Եսայեան12։ Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 9-ին, Հայ Յառաջդիմասէր Երիտասարդաց Ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, Աղեքսանդրիոյ Ամերիքըն Միշընի սրահին մէջ կու տայ բանախօսութիւն, նիւթ ունենալով` Կովկասի հերոսամարտը13.
Արեւ կը համառօտագրէ.
Գեղեցիկ ճառով մը Սուրէն Պարթեւեան բանախօս տիկինը հանդիսականներուն ներկայացուց, որմէ յետոյ Տիկ. Եսայեան շարունակ երկու ժամ սրահը իր հմայքոտ խօսքին տակ պահեց եւ քանիցս ընդմիջուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով14։
Յուսաբեր կը փորձէ մանրամասնել. Օրուան յարգելի բանախօսուհին հասարակութեան ներկայացնողը եղաւ Պ. Ս. Պարթեւեանը` իրեն յատուկ հռետորական պերճախօսութեամբ, որու մասին գրելն անգամ աւելորդ է։ Ապա Տիկ. Եսայեանը աւելի քան մէկուկէս ժամ խօսեցաւ, նիւթ ունենալով Կովկասեան հերոսամարտը պատերազմի ընթացքին։ Ազնիւ տիկինը ունի պարզ, յստակ եւ յանկուցիչ թօն մը։ Խօսքերը կը բղխին իրմէ ու կը տարածուին այնպէս մը, ինչպէս յորդառատ աղբիւրի մը հեզասահ ջուրերը կը ծաւալին ընդարձակ տարածութեան մը վրայ։ Մե՛զ, հայերուս համար մասնաւորապէս այնքան նշանաւոր որքան բարդ կովկասեան դէպքերը անիկա գիտցաւ շատ որոշ, թէեւ համառօտ գոյներով, ներկայացնել ունկնդրողներուն, որոնց համար ըսուածները երեք չորրորդ մասով գրեթէ նորութիւններ էին։ Իբրեւ անաչառ մէկը, յարգելի տիկինը անկեղծօրէն ու անվերապահ կերպով կարելիութեան սահմանին մէջ ներկայացուց կովկասեան դէպքերը այնպէս` ինչպէս որ էին, ու կը կարծեմ թէ մօտ մէկուկէս տարուայ խարխաբումներէ յետոյ, այլեւս պէտք էին մեզ այս ականատեսի պատմուածքները, հասկնալու համար թէ մինչեւ ի՞նչ աստիճան արժէք կրնան ունենալ երբեմն նոյնիսկ հեղինակաւոր եւ իրազեկ աղբիւրներէ բղխած լուրերը կամ հեռագիրները...15 Բանախօսութենէն ետք, Յառաջդիմասէրի վարչութեան անդամներէն Վահագն Ազնաւորեան, Տէլէմաք Թիւթիւնճեան եւ Մելքի Գըլճեան, Սաւոյ պանդոկին մէջ ճաշի կը հրաւիրեն Եսայեանին16։ Ուրբաթ, Յունուար 10-ին, Աղեքսանդրիոյ Յառաջդիմասէրը իր սրահին մէջ թէյասեղան կը սարքէ ի պատիւ Եսայեանին։ Ներկայ էին Թեմական Ժողովի անդամներէն շատերը եւ անոր ատենապետը Միքայէլ պէյ Րէյիզեան, Հայուհեանց Յառաջդիմասէր Ընկերակցութեան վարչութեան կազմը, Որբախնամ Ընկերակցութեան Գործադիր Ժողովի անդամները եւ
8
հրաւիրեալներու ընտիր բազմութիւն մը17. Պ. Պարթեւեան հոս եւս խօսեցաւ, իսկ Պ. Հայկազն Հապէշեանը կարդաց Տիկ. Եսայեանի գործնունէութիւնը դրուատող կուռ գրուածք մը, իր շահեկանութեան համար աւելորդ չպիտի ըլլար ներկայացնել հոս։ Ազնիւ Տիկինը այդ ամէնուն յուզուած շեշտերով պատասխանելով, եւ իրեն եղած պատիւներուն համար շնորհակալութիւն յայտնելով, ի վեր հանեց մասնաւորապէս սա պարագան թէ ինքը ամենուրեք կը գտնէ հայ երիտասարդութիւն ոգեւորուած, եւ անհետացող մտաւորականներուն տեղը բռնելու պատրաստ վիճակի մը մէջ։ «Մենք որ այլեւս սկսած ենք նայիլ մեր կեանքի վերջալոյսին, խաղաղ սրտով անոր պիտի դիմենք, քանի որ ապահով կրնանք ըլլալ թէ դատարկուած տեղերը պարապ չեն մնար»։ Մենք սակայն ազնիւ տիկնոջ վրայ ոչ միայն ծերութիւնը յատկանշող նշաններ չենք տեսներ, այլեւ այն հաւատքը ունինք թէ ներկայ սերունդը, տակաւին ընդերկար պիտի օգտուի իրմէ եւ իր նմաններէն18։ Շաբաթ, Յունուար 11-ին, գնացքով կը վերադառնայ Գահիրէ։ Աղեքսանդրիոյ կայարանը ողջերթի կ’երթան էին զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։ Հայ Որբախնամ Ընկերութեան վարչութեան կողմէ Վ. Գասապեան կը նուիրէ ծաղկեփունջ մը, իբրեւ երախտագիտութիւն որբերուն նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերմունքին։ Գնացքին մէջ իրեն կ’ընկերանայ Լեւոն Մկրտիչեան19։ Եսայեան յատուկ Յուսաբերին համար կը գրէ «Մուրատ (անձնական յիշողութիւններ)» յօդուածաշարքը, որ կը տպագրուի երեք թիւերու մէջ 1919 Փետրուար 4-8 (տես էջ 17-22)։ Ազգային ազատագրական գործիչ` սեբաստացի Մուրատին անձնական յիշողութիւնները նախապէս տպագրած էր 1917-ին, Պաքուի Գործ հանդէսին մէջ (թիւ 4-8)։ Յուսաբերի գրութիւնը իր երկրորդ անդրադարձն է Մուրատի մասին։ 1920-ին, Պոսթոնի մէջ լոյս պիտի տեսնէր հիմնարար հատորը` Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն Պաթում (Հրատարակութիւն Հայրենիքի)։ Փետրուար 3-ին երկաթուղիով կ’ուղեւորուի Փոր Սայիտ` վերջնականապէս մեկնելու համար Ֆրանսա։ Ճամբուն վրայ, Զակազիկի երկաթուղիի կայարանը հաւաքուած էր բազմութիւն մը` ողջերթ մաղթելու Եսայեանին։ Պր. Քարբերթեան կ’արտասանէ ճառ մը` վեր հանելով գրագիտուհիին արժանիքները։ Եսայեան անակնկալի գալով այս վերաբերմունքէն, շնորհակալութիւն կը յայտնէ ներկայ բազմութեան20։ Փետրուար 4-ին, Փոր Սայիտէն ֆրանսական Ներա շոգենաւով կը մեկնի Մարսէյլ։ Նոյն շոգենաւին մէջ կը ճամբորդէին նաեւ սպայ Տիրան Թէքէեան եւ Ժուրնալ տիւ Քէրի խմբագրապետ Վէյսիէ21։
9
ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ 1920 Յունուար 19-ին, Փարիզի մէջ Դաշնակից պետութիւններուն Գերագոյն խորհուրդը de facto կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը։ Զապէլ Եսայեան մաս կազմած էր Փարիզի պատուիրակութեան եւ 1919-ին մասնակցած անկախութեան ճանաչումին նախորդած բանակցութիւններուն։ 1920 Փետրուարին, Եսայեան կարճատեւ այցելութեամբ կրկին կը գտնուէր Եգիպտոս, արդէն իբրեւ Փարիզի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ, բանախօսելու Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ անկախութեան տօնակատարութիւններուն։ Առաջին բանախօսութիւնը տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 1920 Փետրուար 15-ին, Գահիրէի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Նաւասարդ Սրահին մէջ։ Համաձայն Յուսաբերի քննախօսական-սղագրութեան (տես էջ 23-24), Եսայեան իր խօսքը կը կեդրոնացնէ քանի մը կէտերու շուրջ. 1. Հայ բանակին շնորհիւ արտաքին թշնամիին յարձակումները փշրուած են եւ այլեւս չի համարձակիր նոր յարձակում կատարել։ 2. Ներքին թշնամին` զանազան ցեղերը, պատրաստ են արտաքին ազդակներէ մղուելով պոռթկումներ կատարել, բայց շնորհիւ կառավարութեան դիւանագիտութեան կացութիւնը հաստատուն է։ 3. Ամերիկայի օժանդակութեան շնորհիւ Հայաստանի տնտեսութիւնը բարւոք վիճակ մը ունի անցեալ տարուայ համեմատութեամբ։ Կրթութեան եւ որբանոցներուն խնամքը տրուած է ամերիկացիներուն։ 4. Մեծ փափաք կայ քօալիսիօն նախարարութիւն ստեղծել ժողովրդական եւ Դաշնակցական կուսակցութիւններէն։ Թէեւ այս առումով բանակցութիւնները ձախողեցան, բայց յոյս կայ որ շուտով իրականանայ։ 5. Տեղեկութիւններ Փարիզի Պատուիրակութեան դիւանագիտական գործունէութեան մասին։ Իրենց միջեւ եղած անհամաձայնութիւններու պատճառով, Դաշնակիցները սխալեցան երկարաձգելով Թուրքիոյ հետ կնքուելիք հաշտութիւնը, որուն հետ կապուած էր Հայաստանի ազատագրութեան հարցը։ Բայց հիմա ամէն բան կարգադրուած է եւ Դաշնակիցները լաւ տրամադրուած են մեր նկատմամբ։ 6. Կիլիկիոյ հարցը վերջապէս պիտի լուծուի ի նպաստ հայերու բաղձանքներուն 7. Հաւատք կար` որ Ամերիկա պիտի ստանձնէր Հայաստանի մանտան, բայց այսօր ասիկա հաւանական չի թուիր22։ 1920 Փետրուար 20-ին, Եսայեան երկաթուղիով Գահիրէէն կը մեկնի Աղեք-
11
սանդրիա23։ Կիրակի, Փետրուար 22-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2.30-ին, Աղեքսանդրիոյ Ժառտէն Ռոզէթի մէջ տեղի կ’ունենայ Համազգային մեծաշուք ցնծատօն հայկական պետութեան ճանաչման առթիւ, հովանաւորութեամբ Հայ Ազգային Միութեան, նախագահութեամբ Վսեմ. Միքայէլ պէյ Րէիզեանի։ Կը բանախօսեն` Զապէլ Եսայեան, Վեր. Ք. Ճէճիզեան, Լեւոն Մկրտիչեան եւ Տէլէմաք պէյ Թիւթիւնճեան։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. Այս աննախընթաց փառաւորումին կը հրաւիրուի քաղաքիս երկսեռ հայութիւնը` իր երախտիքի հարկը մատուցանելու մասնաւորապէս մեր հերոսական Բանակին, որ իր արեանը գնով խլեց մեր Ազգին Անկախութիւնը, միանգամայն իր ջերմագին շնորհաւորութիւնը հեռագրելու մեր Հանրապետութեան Կառավարութեան24։ Բոլոր բանախօսներն ալ «պանծացնելով Հայկական Հանրապետութիւնը եւ անոր կտրիճ բանակը, կոչ ըրին ժողովուրդին` բոլորուելու ազգային կառավարութեան շուրջ եւ նուիրելու անոր ամէն կարգի աջակցութիւն` առանց վերապահութեան»։ Իսկ «Տիկ. Եսայեանի գրաւոր բանախօսութիւնը անտարակոյս գրական գոհար մըն է»25։ Տիկին Զապէլ Եսայեան [...] իր ոսկեղինիկ աշխարհաբարով` իմաստալից ճառ մը կարդաց, անցեալի գեհենային մռայլներուն մէջէն հայ հոգին ներկայացնելով լուսարձակ ջահի մը պէս` որ վերջապէս պարտեց շուրջի համապարփակ ու խեղդող խաւարը։ Փա՜ռք հայ հոգիին...26։
Արեւ կը հրատարակէ բանախօսութեան ամբողջ բնագիրը (տես էջ 25-29)։ Ի տարբերութիւն Գահիրէի բանախօսութենէն, գրականախառն հոգեյուզական վերելք մըն էր այստեղ ներկայացուցածը։ Կը շեշտէ գաղափարի ուժին կարեւորութիւնը, դիտել տալով` որ մեր ֆիզիքական ուժերը բարձրացուցինք մեր իտէալի բարձրութեան։ Եւ այս ծիրին մէջ, հայկական հոգեկան արիութիւնը Եսայեան կը դնէ ընդդէմ թշնամիի զինւորական ուժի գերադասութեան, առաջինին տալով յաղթանակի առաջնութիւնը։ Կորուստն ու մոռացութիւնը կ’անցնին Եսայեանի միտքերուն ընդմէջէն` դարաւոր խաւարի մէջ կորսուածները, կորսուած եւ մոռցուած արիութիւնը, որպէսզի այս կորուստներուն միջոցով հայութիւնը հանգրուանէր ներկայ ազատութեան։ Բանախօսութեան վերջին մասը գովքն է հայկական բանակին` առնական շեշտերով27։ Շուրջ մէկ շաբաթուայ կեցութենէ ետք, հաւանաբար Փետրուար 23-ին, Եսայեան Աղեքսանդրիայէն կը մեկնի Կիլիկիա28։
12
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐԸ ԵՒ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
1917-ի աշունին երբ հայ ժողովուրդը անսպասելի կերպով մտաւ իր եղերերգութեան երկրորդ շրջանին մէջ, բաղդը եւ պատիւը ունեցայ ապրելու մեր Կովկասահայ եղբայրներուն հետ եւ սերտ կերպով բաժնելու իրենց յոյսերը, ոգեւորութիւնը, վտանգները եւ ցաւերը։ Կովկաս ապաստանած թրքահայերու ներկայացուցիչը ըլլալով Բագուի Ազգային Խորհուրդին մէջ առիթը ունեցայ մօտէն հետեւելու եւ մասնակցելու այն բոլոր փուլերուն որ թրքական արշաւանքը յաջորդաբար ներկայացուց մեզ, եւ հետեւաբար իբր լաւատեղեակ անձ է որ իմ խօսքերս կ’ուղղեմ Եգիպտոսի հայերուն։ Ես կը խնդրեմ որ իմ յայտարարութիւններս չի համարուին մէկ կամ միւս կուսակցութեան, հայ որ եւ է հատուածի ի նպաստ պաշտպանողական, այլ արտայայտութիւնը մէկու մը որ իր գերագոյն պարտականութիւնը կը համարէ ճշմարտութենէ չի շեղիլ, համոզուած ըլլալով որ մեր փոքրիկ ազգը իր սրբազան նպատակին առաջնորդելու ամենակարճ եւ յստակ ճամբան բացարձակ ճշմարտութիւնն է։ Հայրենակիցնե՛ր, այս միջոցիս որ այս տողերը կը գրեմ` յիշողութեանս մէջ դեռ կենդանի են անհաւասար պայքարներու պատկերներ, քաջ, ինքնավստահ եւ անյողդողդ կամքով ամրացած հայ զինուորներու դէմքեր, աճապարանքով հրացանները ուսած դէպի վտանգուած կէտերը նետուող խումբեր, հանդարտ եւ վճռական գործունէութիւնը ամէն հասակի մարդոց որոնց մէջ կային 14 տարեկան պատանիներ եւ արդէն ճերմկած մազերով մարդիկ, հարուստներ եւ բանւորներ, օրիորդներ որոնք կռուի առաջին գիծերուն վրայ մեռան վիրաւորները տեղն ու տեղը խնամելու միջոցին. այս միջոցիս դեռ կը լսեմ Ազգային Խորհուրդին մէջ խուժած հայ ժողովուրդին մրմունջը որ խոնարհաբար եկած էր որեւէ գործի լծուելու եւ սրտի մեծ յուզումով կը յիշեմ Մուրատի ինձ ուղղած վերջին նամակին տողերը. «ամէն ինչ պիտի ընենք ապագային չի զղչալու համար», եւ որ ճակատէն զարնուելով մեռաւ Բագուի պաշտպանութեան համար. մինչ
13
Կոստի Համբարձումեան, ռուսահայ սքանչելի գործիչ մը, կը մեռնէր վանեցի գաղթականներուն հետ Ուրմիայէն կռուելով հեռանալու միջոցին։ Մէկ խօսքով Կովկասահայերը եւ իրենց կողքին հոն ապաստանած Թրքահայերը զինուորական տեսակէտով ըրին աւելին քան կարող էին ընել տուեալ պայմաններու մէջ։ Ռուսահայ թէ Թրքահայ իրենց արիւնը խառնեցին հասարակաց թշնամիին դէմ, եւ այս սոսկալի եւ գեղեցիկ երեւոյթին առաջ ինծի կը թուէր որ ամէն վէճ ու հաշիւ պէտք էր վերջնականապէս անհետացած ըլլար։ Եւ այս ընդհանուր պայքարին մէջ թէեւ իրարմէ բաժնուած, յաճախ կղզիացած թշնամիին դաւերուն շնորհիւ, ամէն զօրամասերն ալ իրենց դերը կատարեցին եւ ամէնքն ալ հաւասարապէս արժանի են մեր յարգանքի ու շնորհակալութեան։ Եթէ այդ զօրամասերէն ոմանք բաղդը չունեցան որ իրենց պայքարը պսակուէր յաջողութեամբ, արդար չէ որ շտապենք զիրենք մեղադրելու, այլ ինձ կը թուի որ աւելի եղբայրական հոգատարութեամբ պէտք է մօտենանք իրենց անյաջողութեան պատճառներուն, բարեկամութեամբ ու ցաւով եւ ոչ թէ թշնամութեամբ ու նախատինքներով։ Զօր. Նազարբէկօֆ եւ Դրօ, որոնք կարողացան իրենց տրամադրութեան ներքեւ եղած զինուորներով, հակառակ Թիֆլիզի վրացի եւ թաթար քաղաքական խառնակ եւ պղտոր դրութեան, դանդաղեցնել թշնամիին յառաջխաղացումը եւ անոր անհաշտելի տրամադրութիւնը մեղմացնելով հարկադրել որ հրաժարի իր սկզբնական ծրագրէն, այն է Կովկասի Հայերուն արագ բնաջնջումը, Զօր. Անդրանիկ, որ իր 4000է աւելի քաջերով անմիջապէս սթափելով առաջին պարտութիւններէն եւ թերեւս անխուսափելի սխալներէն (սխալներ` գործուած հաւասարապէս ամէնուն կողմէն) կարողացաւ ազգային մթագնած պատիւը փրկել եւ հակառակ թշնամիին սպառնալիքներուն, առանց օգնութեան որեւէ յոյսի, իր զինուորականի բարձր պատիւին միայն անսալով, շարունակեց կռիւը մինչեւ վերջ, Բագուի Հայ Բանակը, որ չընդունելով Թուրքերու հետ հաշտութիւն ո՛չ միայն կռիւը շարունակեց այլ եւ ծրագրեց հասնիլ Երեւանի շրջանին, այն հաստատ համոզումով որ օգնական ուժերու յայտնուիլը պիտի մղէ Արարատեան Հանրապետութիւնը խզել անարգ թշնամիին հետ կապած դաշինքը եւ որ կարողացաւ թշնամիին մեծ ուժը դէպի իրեն քաշել եւ անհնարին դարձնել որ Տաճիկները հասնին իրենց նպատակին, այն է ազատ ձեռքերով բնաջինջ ընել Անդրկովկասի Հայութիւնը, Ուրմիոյ եւ Սալմաստի Հայ Զօրամասը, մնացորդ անհետացած ռուսական հսկայական բանակին, որուն եկած միացած էին Վանէն նահանջող կռուող ուժերը եւ որոնք ամիսներու ընթացքին Ասորիներու հետ թումբ կանգնեցան պարսկական Ատրպատական խուժող Թուրքերուն եւ ոչ միայն դժուարացուցին անոնց այդ կողմէն մուտքը դէպի Կովկաս այլ նաեւ անգլ. զինուորական գիծը
14
զերծ պահեցին վաղաժամ յարձակումներէ, Անդրկասպեան երկիրներու Հայ Գաղութները, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ եւ իրենց փոքրիկ ուժերուն լքուած, ոչ միայն պաշտպանեցին իրենց համայնքները, այլ եւ անհնարին դարձուցին որ իսլամական այդ երկիրներու մէջ Տաճիկներու եւ Գերմաններու բրոբականտը իր պտուղը տայ եւ անոնք կարենան միանալ Անդրկովկասի իսլամներուն։ Բոլորը, բոլորը, առանց խտրութեան հարազատ եղբայրներն են այն քաջերուն Լէժիոն տ’Օրիանի հայ զինուորներուն որոնք փառքով վերջացուցին ամբողջ հայ ժողովուրդին յուսահատական եւ հերոսական ոգորումը այս մեծ պատերազմի ընթացքին։ Օտարներ կարող են, եւ թերեւս իրենց ալ իրաւունքն է, մեր այս զանազան վայրերու մէջ ունեցած գործունէութիւնը առանձինն առնելով եւ առանց իվիճակի ըլլալու մեր հոգիին եւ մանաւանդ մեր հողերուն եւ ցաւերուն շատ խորը թափանցելու, քննադատական խօսքեր ընել. բայց մեզ, Հայերուս համար պարզ է այսօր որ թէեւ պարագաներու բերումով կամ թշնամիին դաւերով իրարմէ բաժնուած, ամենքս ալ գործեր ենք մէկ նպատակով, կռուիլ մեր դարաւոր թշնամիին դէմ եւ հնարաւոր եղած բոլոր միջոցներով փրկել մեր ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութիւնը։ Ըսել չեմ ուզեր որ սխալներ, վարանումներ, յապաղումներ տեղի չեն ունեցած, ըսել չեմ ուզեր որ այդ բոլորը չեն ազդած մեր գործունէութեանց վրայ, բայց ես չեմ կրնար առանց ճշմարտութենէ շեղելու այդ բոլորը վերագրել մէկ կամ միւս կողմին առանձնապէս եւ կարգ մը անյաջողութեանց պատասխանատուութիւնը բեռցնել որոշ մարդոց, որոշ կուսակցութեանց կամ որոշ հատուածի վրայ։ Մենք ամենքս առանց բացառութեան մասնակից ենք մեր յաղթանակներուն եւ մեր պարտութիւններուն եւ այդ պատճառով է որ իմաստութիւնը կը պահանջէ վերապահութեամբ նայիլ այնպիսի դէպքերու վրայ որոնց դերակատարներուն հետ տակաւին ուղղակի յարաբերութեան մէջ չենք եւ հետեւաբար իրենց բուն դրդապատճառները չունինք աչքի առաջք։ Շատ բան ըսուեցաւ եւ շատ բան գրուեցաւ Արարատեան Հանրապետութեան մասին. ես կը գտնուէի այնպիսի կեդրոնի մը մէջ ուր հաստատ կերպով մտադրեր էին կռիւը շարունակել ամէն գնով եւ ես անձնապէս անոնցմէ էի որ Թուրքերու հետ հաշտութիւնը կը համարէի անհնարին եւ մանաւանդ անօգուտ. բայց եթէ ենթադրութիւններով պիտի խօսինք հաշտութեան կուսակիցներու մասին ուրիշ բան չենք կրնար ընել բայց միայն մտածել որ ատիկա տաժանելի անհրաժեշտութիւն մըն էր։ Այն մարդիկը որ հարկադրուէր էին բանակցութեան մտնել իրենց եղբայրներու դահիճներուն հետ, ինձ ներշնչեցին սկիզբէն մինչեւ այսօր` ուրիշ որեւէ զգացումէ աւելի գթութեան զգացում, որովհետեւ ես կը համարեմ որ Ահարոնեան, Բաբաջանեան, Քաջազնունի, Ալեք. Խատիսեան եւ ուրիշներ աւելի
15
բան մը զոհեցին քան իրենց արիւնը, քան իրենց կեանքը։ Գալով մասնաւոր մարդոց կոչերուն, երկու բան ունիմ ըսելիք։ Աչքի առաջք ունենալով այն հսկայական ջանքերը որ թափեցինք, այն ահաւոր զոհողութիւնները որ ըրինք եւ ի գին այդ բոլորի այն հանգրուանը որ հասանք այսօր, մեզ կը թելադրեն զգուշանալ այն ամէն խօսքերէ որ ուժերը կը ջլատեն. մենք ստիպուած ենք շարժման մէջ դնել ու մեր ամեն տեսակի կարողութիւնները եւ աւելի գերբնական ջանք մը ընել քան ինչ որ ըրինք մինչեւ հիմա, իրականացնելու համար մեր ազգին վերածնունդը։ Այդ գերբնական ջանքերուն մէջ ամենէն դժուարը պիտի ըլլայ թերեւս մեզ համար հրաժարիլ առայժմ քննադատութիւններէ եւ հետեւաբար պառակտումներէ։ Ազգային Միութիւնը պէտք է պահպանել ամէն գինով, նոյնիսկ զոհելով մեր դժգոհելու եւ խծբծելու անդիմադրելի ախորժակները։ Գալով դասալքութիւն, դաւաճանութիւն եւ այլն, մեծ ամբաստանութիւններուն, թշնամիին կը պատկանի այդ բառերը արտասանել, ստուեր ձգելու համար մեր հերոսական եւ գրեթէ անհնարին ոգորումին վրայ, քան թէ մեզմէ որեւէ մէկու։ Թշնամին վճռեց գերեզմանի դարձնել մեր հայրենիքը, մենք յաջողեցանք ահաւոր երկունքէ մը յետոյ օրօրոցի մը վերածել զայն։ Նորածին մանուկը, Նոր Հայաստանը կարօտ է մեր ամէնուս գուրգուրանքին եւ խնամքին. արդեօք անկարելի՞ է որ մաքուր ձեռքերով եւ մաքուր շրթներով բոլորուինք անոր շուրջը։ Երկրորդ բանը որ կ’ուզեմ ըսել այդ կոչերուն առթիւ, այն է որ անհրաժեշտ է պահպանել խիստ կարգապահութիւն ոչ միայն զինուորական գործերու մէջ այլ նաեւ ազգային գործունէութեան բոլոր ասպարէզներու մէջ։ Անհատական կոչերը եւ ձեռնարկները կամայական բնոյթ ունին եւ անձնական կիրքերու կնիքը կը կրեն. ձեռնհաս մարմինները պէտք է վերաբերուին այդ կարգի արտայայտութեանց նկատմամբ ինչպէս կազմակերպուած պետութիւնները կը վերաբերուին որեւէ անկարգապահութեան նկատմամբ։ Պրն. Թորգոմի արարքը առնուազն անկարգապահութիւն է շատ մը տեսակէտով։
(Յուսաբեր, Գահիրէ, 28 Դեկտեմբեր 1918, Դ. տարի, թիւ 115, էջ 1-2)
16
ՄՈՒՐԱՏ (անձնական յիշողութիւններ)
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
Ժամանակին հաղորդուած էր մեզի, Բագուէն, տարաբաղդ Մուրատի սպաննութեան գոյժը։ Բայց միեւնոյն ատեն արգիլուած էինք հրապարակել զայն` որովհետեւ կասկածուած էր թէ Սեբաստիոյ Առիւծը Թուրքերուն ձեռքը ինկած է վիրաւոր վիճակի մէջ։ Այժմ, մասնաւոր հաճոյքով մը հրատարակութեան կու տանք շնորհալի գրագիտուհիին Յուսաբերի համար գրի առած յետագայ տողերը, իբրեւ յարգանքի դոյզն բաժին մը ժողովրդանուէր հերոսին աննման յիշատակին։ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՅՈՒՍԱԲԵՐԻ
Մեր ազգային հերոսական ոգորումներու պատմութեան մէջ Մուրատը այն գլխաւոր դէմքերէն մէկն է, որուն առջեւ անպատճառ ապագայ պատմաբանը կանգ պիտի առնէ։ Անիկա իբր մարդ եւ իբր մարտիկ հետաքրքրական, անզուգական տիպար մըն էր, իր մէջ խտացնելով շատ մը յատկութիւններ եւ գիտնալով մանաւանդ այդ յատկութիւնները արժեցնել պատեհ ժամուն։ Իր մահն իսկ կապուած եղաւ մեր վերջին ժամանակներու կռիւներէն ամենէն ճգնաժամային մէկ դրուագին։ Անիկա դէպի ստոյգ մահը դիմելով փրկեց Բագու քաղաքը այնպիսի ժամանակ` երբ օգնութեան կ’սպասէին մէկ ժամէն միւսը, եւ եթէ այդ ակնկալուած օգնութենէն առաջ թշնամին խուժէր քաղաք` ոչ թէ տասնեակ հազարներու* այլ 50-60 հազարներու պիտի հասնէր մեր կորուստները։ 1915ի աշնան էր որ Մուրատ հասաւ Թիֆլիզ, իր զարմանալի, անհաւատալի ոդիսականը կատարելով Սվազէն Պաթում։ Նոյեմբեր կամ դեկտեմբեր ամսուն, իրիկուն մը, Թիֆլիզի արդիստական թատրոնն էի, հայերէն ներկայացման մը, երբ միջնարարին երիտասարդ մը ինձ մատնանշեց եւ ըսաւ բարձր ձայնով. - Ահա՛ Տիկին Եսայեանը։ Միջահասակ, շատ թուխ, թիկնեղ, առիւծային դէմքով մարդ մը, խիստ սեւ բաշերով` ընդոստ դէպ ինձ եկաւ եւ ինքզինքը ներկայացուց. - Ես Մուրատն եմ, կ’ուզէի ձեզ տեսնել, ձեզ հետ խօսիլ։ Նստանք այնտեղ ու խօսեցաւ։ Երբէք չի պիտի մոռնամ այդ տեսակցութիւնը։ * Վերջնագոյն եւ վստահելի աղբիւրներէ առնուած լուրերու համաձայն, Բագուի մեր զոհերուն թիւը 2000ը չանցնիր, եւ ոչ թէ 20-30,000, ինչպէս հաղորդուեցաւ Պարսկաստանէն։ (Ծանօթ. Յուսաբերի խմբագրութեան)
17
Հատկտեալ ձայնով, երբեմն հեծեծանքով պատմեց այն սոսկալի դրութիւնը որ կը տիրէր Տաճկահայաստանի մէջ եւ որուն ականատես եղած էր ինք. պատմեց տեղահան ժողովուրդին աղեխարշ թշուառութիւնը, թշնամիին անկարեկիր անգթութիւնը, լացն ու ողբը յուսահատներուն, ժպիտը` մեռնելու գացող եւ տակաւին յուսացող կարաւաններուն, անօգնական թշուառութիւնը մանուկներուն եւ ասդին անդին ծառացող կտրիճներու պատուաւոր մահը։ Սեւ վարագոյրին մէկ ծայրն էր որ կը վերցնէր իմ մտքիս առաջ եւ ես տարօրինակ ուժգնութիւնով կ’ապրէի իր յուզմունքը։ Երբեմն եւ յաճախակի թաշկինակը աչքերուն կը տանէր եւ այդ անպարտելի մարդը տղու պէս արցունք կը թափէր վերյիշելով եւ պատմելով այն դժոխային պատկերները որոնք ինքը անզօր վկան եղած էր։ Երբեմն ձայնը կը խղդուէր հեծեծանքի մը մէջ ու դարձեալ կը շարունակէր մտածելով որ շուտ եւ ամբողջապէս պէտք է աւանդէ ուրիշի մը, ուրիշներու, ինչ որ ծանրաբեռնուած էր իր Հոգիին վրայ։ Ներկայացումը վերսկսաւ եւ ստիպուած լռեց։ Բայց այլ եւս ոչ ես եւ ոչ ինքը ուրիշ բան չէինք լսեր ու տեսներ` քան ինչ որ սոսկալի իրականութեամբ մը պատկերացած էր մեր մտքի հոգիներուն առաջ։ Չի կրնալով տոկալ այդ ճնշիչ դրութեան մեկնեցանք եւ թէյատան մը մէկ անկիւնը առանձնացած, շարունակեց խօսիլ։ Այդ իրիկուն ոչ մէկ խօսք չ’ըրաւ իր ճամբորդութեան մասին, միայն յայտնեց որ ցամաքի ու ծովի վրայ կռուելով եկեր հասեր էր Կովկաս` միմիայն այն նպատակով որ գուժաբերը ըլլայ Տաճկաստանի մէջ կատարուած գերմարդկային չարիքներուն։ Ինքը հաւատացած էր անկեղծ կերպով որ մեզ բարեկամ Ռուս պետութիւնը, ի լուր քրիստոնեաներու այդ տառապանքին, կորովի միջոցներ ձեռք պիտի առնէ ոչ միայն ազատելու համար վերապրող Հայերը այլ եւ պատժելու համար մեր անարժան թշնամին։ Դեռ ինձմէ առաջ ոչ ոք տեսած էր եւ ես չ’ուզեցի իր հաւատքը խախտել, զանազան նկատողութիւններ ներկայացնելով իրեն։ Ինձ կը թուէր որ եթէ այդ անսասան հաւատքը խախտէր, սոսկալի հակազդեցութիւն մը յառաջ պիտի գար իր մէջ որուն անկարող պիտի ըլլար տոկալու։ Հետեւեալ օրն իսկ յարաբերութեան մտած էր իր հին եւ նոր ծանօթներու հետ եւ այդ լախտի հարուածը ընդունած էր։ Քանի մը օր անցուց սեւ մելամաղձոտութեան մէջ, բայց յաջողեցաւ վերջապէս սթափիլ եւ վառուած վրէժխնդրութեամբ` ձեռնարկեց գործի։ Իր քով եկած բոլորուած էին զէնքի արժանաւոր ընկերներ, Սեպուհը, Աւօն, Առաքելը եւ շատ մը կտրիճ երիտասարդներ։ Ամէն օր ծրագիր կը կազմէին եւ ամէն օր այդ ծրագիրները ջուրը կ’իյնային` ռուս հին րէժիմեան երկդիմի քաղաքականութեան շնորհիւ։ Եւ ահա Պաթումի ծովակալութիւնը առաջարկեց որ Մուրատ Սամսոն ցամաք ելլայ` մէկ կողմէն իր խումբով հետազօտութիւն կատարելու եւ միւս կողմէն հնարաւորութիւն ունենալու
18
համար փրկելու Սամսոնի գաւառին մէջ անտառները, լեռները եւ յոյն գիւղերը ապաստանած հայ փախստականները որոնց թիւը քանի մը հազարի կը հասնէր։ Մուրատ ոգեւորութեամբ ընդունեց այդ խիստ վտանգաւոր պաշտօնը, բայց մենք ստիպուեցանք զինք մղել մերժելու` որովհետեւ պարզուեցաւ մեզ համար որ ռուս կառավարութեան ձեռք առած միջոցները ապահովութեան լուրջ երաշխաւորութիւն չէին ներկայացներ։ Այդ միջոցին առաջարկեցի իրեն իր ճամբորդութիւնը գրի առնել. մեծ դժուարութեամբ համաձայնեցաւ։ Ես կը նկատէի որ այդ գործը ազգային դիւցազներգութեան մը նիւթ կը ներկայացնէր եւ անհրաժեշտ էր իր պարզութեան մէջ գրի առնել ու աւանդել գալիք սերունդներուն։ Ինքը կը զգուշանար իր անձին կատարած արարքներուն մասին ոչ թէ գրել այլ նոյն իսկ խօսիլ, ինքզինքը խղճահար կ’զգար որ չի կրցան այդ խեղճ ժողովուրդը պաշտպանել իր սոսկալի հոգեվարքին մէջ եւ իր համեստութիւնը զինքը չափազանց զգայուն կը դարձնէր։ Հարկ եղաւ իրեն հաւաստել թէ տուեալ պայմաններու մէջ, մանաւանդ կապկպուած` բարոյական խիստ ճնշիչ նկատողութիւններով, աւելին չէին կարող ընել եւ վերջապէս յաջողեցայ իր հաւանութիւնը ստանալու։ Ես այստեղ չի պիտի ծանրանամ այդ տարօրինակ ճամբորդութեան դրուագներուն վրայ, զոր գրեթէ բառացի կերպով գրի առած եւ հրատարակած եմ Գործ ամսաթերթի 4րդ եւ 5րդ թիւերուն մէջ «Մուրատի ճամբորդութիւնը (Սվազէն Պաթում)» տիտղոսով։ Ես զգուշացած եմ գրականութիւն ընել այդ սոսկալի նիւթով եւ պարզապէս գրի առած եմ իր նկարագրութիւնը, միմիայն բաւականանալով դասաւորել նիւթը ժամանակի կարգով, բայց ինչ որ չեմ կրցած այնտեղ դնել` այն սարսափի, զայրոյթի, անձկութեան արտայայտութիւններն էին որոնցմով իր դէմքը կը կերպարանափոխուէր, երբեմն յուզմունքը այնքան սաստիկ կ’ըլլար որ կ’ստիպւէինք աշխատութիւնը ընդհատել եւ յաճախ ինձ դէմ կը զայրանար զինք մղելուս որ իր վէրքերը քրքրէ որոնք դեռ շատ թարմ ու արիւնոտ էին։ Հետզհետէ անդրադարձայ որ Մուրատ դէպքերը ու դէմքերը տեսնելու ու ներկայացնելու խիստ հետաքրքրական եղանակ մը ունէր եւ մտքի ճկունութիւն իր տպաւորութիւնները եւ զգացումները արտայայտելու։ Թէեւ անուս, բայց մեծ խելքով օժտուած, անիկա անմիջապէս կ’զգար թէ ո՛ր մանրամասնութիւնները անօգուտ էին, ի՛նչ կէտեր պէտք էր առնուէին իբր իր պատմութեան հանգրուանները եւ գիտէր ներկայացնել պատշաճ կերպով դէպքերու սկզբնապատճառները ու ծաւալումը։ Այդ դիւցազներգութիւնը որուն գլխաւոր հերոսը եղած էր, գործի ընթացքին իսկ գեղեցկացուցեր էր եղերական գեղեցկութեամբ մը, – անհամար դրուագներէն կ’ուզեմ յիշել մէկը։ Յոյն գիւղի մը մէջ նախապէս պատրաստել տուեր է ճերմակ դրօշակ մը սեւ խաչով եւ երբ Սեւ Ծովին վրայ իրեն տրամադրուած մակոյկը երկու անգամ յարձակում կրելէ ետքը կ’անցնի ռուսական զօնը դրօշակը կը պարզեն։ Բայց խիտ մառախուղ մը հորիզոնը կը ծածկէ
19
իրենց դէմ. նաւավարը որ թուրք մըն է հազար խաղ կը խաղայ զիրենք դէպի թրքական ցամաքը վերադարձնելու։ Ընկերները կը յուսահատին, քամին կը դադրի եւ մակոյկը առանց յառաջանալու կը ծածանի ալիքներուն վրայ. այն ատեն շատեր համամիտ կը գտնուին նաւավարին, բայց Մուրատ կը կանգնի ցռուկը եւ կը սաստէ զանոնք. - Սեւ խաչը պարզեր ենք եւ այս նաւը ծանրաբեռնուած է Հայոց ցաւերով եւ վիշտով, մենք պիտի երթանք այդ բոլորը ներկայացնելու. ետ դառնալ չիկայ, անկարելի է որ նախախնամութիւնը մեզ նաւահանգիստ չի առաջնորդէ։ Եւ նաւը, ծանրաբեռնուած Հայոց ցաւերով ու վիշտով, կ’ուղղուի դէպ ի Պաթում, որովհետեւ հովը կը բարձրանայ գրեթէ անմիջապէս եւ Պաթումի բերդերը կը ցցուին հետզհետէ ցրուող մառախուղին մէջէն։ Աստուածաշնչային զայրոյթ մը կը բոցավառէր իր մէջ ամէն անգամ որ քանի մը խօսքերով կ’ակնարկէր թուրքերուն հետ իր ունեցած բազմաթիւ հանդիպումներուն. իր ձայնը, դէմքը դասական եւ դաժան գեղեցկութիւն մը կ’ստանային եւ արտայայտութեան անթերի, կտրուկ եւ թափանցող ձեւ մը ունէր. ինքը կենդանի պատկերն էր կարծես իր յայտնած միտքերուն եւ զգացումներուն եւ իր ցաւի արտայայտութիւններուն մէջ ցասմնալի արժանաւորութիւն մը կը պահէր։ Ամիսներ մնաց Թիֆլիզ եւ գործօն կերպով սկսաւ զբաղիլ թրքահայ գաղթականութեան բազմատեսակ հոգերով։ Այնպիսի ժամանակ երբ բոլոր կիրքերը բորբոքած էին, երբ շատ ամուր մարդիկ իսկ տարուած էին գէշ հոսանքներէ, ինքը երբէք չի կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը եւ իր ներկայութեան կարելի եղաւ նոյն իսկ որոշ ներդաշնակութիւն պահպանել։ 1916ի սկիզբը, Սեպուհին հետ պաշտօն ստացաւ Զօր. Նազարբէկովի կողքին հետախուզիչ խումբով մը երթալ Պիթլիս, ուր Սեպուհին հետ եւ հայ զօրավարին բարեացակամութեան շնորհիւ մեծ եւ թանկագին ծառայութիւն մատուց հազարաւոր հայերու կեանքը փրկելով, որոնք Քիւրտերու հետ գերի մնացած էին։ Ռուսական նահանջէն յետոյ վերադարձաւ Թիֆլիզ, ուրկէ անմիջապէս պաշտօն ստացաւ Էրզրում երթալու, ուրկէ անցաւ Երզնկա երբ այս քաղաքը գրաւուեցաւ։ Բացի այն անգնահատելի ծառայութիւններէն որ ըրաւ Ռուս բանակի համար, այդտեղ ալ իր կէտ նպատակին ըրաւ Տէրսիմի քիւրտերու միջոցաւ հազարաւոր հայերու ազատագրումը։ Բազմաթիւ նամակներ որ ստացած եմ իրմէն, թէ Պիթլիսէն եւ թէ Երզնկայէն, ցոյց կուտան որ անիկա մտահոգուած էր զանազան կարգի խնդիրներով։ Իր միտքը կ’ընդգրկէր մեր ազգային մտահոգութիւնները իր ամբողջութեան մէջ. անիկա կը ղրկէր լուսանկարներ եւ վկայութիւններ թուրքերու կատարած խժդժութիւններու մասին. կը զբաղէր որբերով, նոր ազատուած երիտասարդներու եւ օրիորդներու գործերով, անոնց վիճակով ու ապագայով, կը թելադրէր դիմումներ ազդեցիկ օտար անձնաւորութիւններու մօտ եւ այդ բոլորը կը կրէին շատ հասուն խելքի մը եւ իմաստութեան կնիքը։
20
1917ի աշնան երբ հայ ժողովուրդը իր վերջին ճգնաժամին մէջ մտաւ Մուրատ զինուեցաւ եւ այնքան ուրիշ թրքահայ խմբապետներու հետ բոլորուեցաւ Անդրանիկի շուրջ։ Էրզրումի անկումին ինքը Սեպուհին հետ ձիաւոր խմբերով կը գտնուէին թշնամիին դէմ եւ կերպով մը խրած էին անոր կողին մէջ։ Անսպասելի նահանջի ժամանակ կը շրջապատուին թշնամիէն եւ հազիւ կը կարողանան թուրքերուն շղթան խզելով գալ միանալ նահանջող բանակին, Սարը-Ղամիշի մէջ։ Թուրքերը առասպելական կարծիք կազմած էին Մուրատի մասին եւ երբ հաշտութեան բանակցութեան կը մտնեն հայերու հետ` թուրք զօրքերու հրամանատարը կը պահանջէ Մուրատի մահուամբ պատժուիլը։ Ինձ մօտ է Վէհիպ փաշայի հեռագիր-գանգատին եւ պահանջին պատճէնը, ինչպէս նաեւ Մուրատին պատասխանը զոր ղրկած էր եւրոպական մամուլին. այդ պատասխանը հասա՞ւ տեղ եւ հրատարակուեցա՞ւ թէ չէ, ինձ անծանօթ կը մնայ առ այժմ, այսքանը գիտեմ որ այդ բոլորի հետեւանքով, փրկելու համար բանակցութեան մտնող հայերը փափուկ եւ անել դրութենէ, Վլատիկաւկազի վրայով անցեր էր Արմաւիր Սեպուհին հետ, ուրկէ շարունակ դիմումներ կ’ընէին Բագուի Ազգային Խորհրդին` գալ միանալու համար այն հայկական բանակին որ կը շարունակէր կռիւը թուրքերուն դէմ։ Ես երկրորդ անգամ Թէհրան երթալու համար անցեր էի Էնզէլի երբ Մուրատ եկաւ Բագու։ Վերջին նամակը որ ստացայ եւ որ դժբաղդաբար իր մահուընէ յետոյ հասաւ ինծի` հետեւեալ յատկանշական տողը կը պարունակէր. «Կացութիւնը գրեթէ յուսահատական է, բայց մինչեւ վերջին շունչերնիս պիտի կռուինք, ապագային զղջալիք բան մը չունենալու համար»։ Եւ իր խօսքը բռնեց։ Ճգնաժամային օր մը երբ պոլշէվիկեան իշխանութիւնը ինկած էր արդէն եւ տակաւին Անգլիացիք օգնութեան չէին հասած, երբ Բագու թշնամի օղակի մը մէջ բռնուած էր` թուրքերը կը յաջողին ճեղքել մեր պաշտպանութեան մէկ գիծը եւ խուժել քաղաք, Հայոց գերեզմանատան կողմէն։ Րոպէ մը ամէն ինչ կորսուած կը համարուի, բայց Մուրատ հոն է եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու շատ մը քաջերու հետ կը սկսի հակայարձակման։ Իրենց թափը այնքան ուժգին կ’ըլլայ որ շատ կը յառաջանան եւ թէեւ թշնամին կ’ընկրկի կրակելով եւ կացութիւնը կը փրկուի, սակայն գրեթէ ամէնքն ալ կ’իյնան այնտեղ։ Մուրատ ճակատէն կ’ստանայ մահացու հարուածը։ Ահա այդպէս մեռաւ մարդ մը` որ իր գրեթէ մանկական հասակէն կռիւի մտած էր թշնամիին դէմ։ Անիկա քաջ էր եւ յանդուգն ու քաջերու յատուկ հոգեկան վեհանձնութեամբ օժտուած էր. թէեւ հազիւ գրել կարդալ գիտէր բայց իր արթուն միտքը եւ իր բնական յատկութիւնները զինքը ընդունակ դարձուցեր էին կեանքի դպրոցի մէջ շատ բան սորվելու եւ ո եւ է դաստիարակուած մարդ, իր հետ ինքզինքը անհանգիստ չէր զգար. իր իմաստութիւնը եւ ողջախոհութիւնը նոյն իսկ զարմացում կը պատճառէին։ Սիրաբուխ եւ զգայուն, ամէն տեսակի ցաւերու
21
հանդէպ, գորովագին էր մանաւանդ մանուկներու նկատմամբ. ամէն անգամ որ զինքը կը տեսնէի թէ ինչքան մեծ յուզումով կը փայփայէր տղայ մը, ձեռքերը դողդղալով թխորակ կամ խարտեաշ գլխու մը վրայ, կը մտածէի անմիջապէս որ իր զաւակները, տարագիր, թերեւս թուրքերու մօտ, թերեւս անօթութենէ եւ թշուառութենէ մեռած աքսորի ճամբուն վրայ, կը ներկայանային իր ցաւած սրտին ու մտքին առաջ։ Քանի անգամներ արցունքոտ աչքերով, որոնք վիրաւորուած կոպեր ունէին գրեթէ, ինծի ըսած է սրտագին հառաչանքով. - Ամենէն սոսկալի մտածումն այն է որ թուրքերու ձեռք գերի ընկած են. կինս անձնասպան կ’ըլլայ ու թուրքի ձեռք չ’անցնիր, վստահ եմ, բայց ձագուկնե՜րս... եթէ իմանայի որ սրբութեամբ մեռած են` հոգիս պիտի խաղաղէր։ Բայց Մուրատ այնպիսի անձերէն էր որ իրենց անձնական ցաւերը չե՛ն տարածեր ուրիշներու առաջ եւ ես անգաղտնապահութիւն կը համարեմ աւելի երկար խօսիլ իր հոգեկան եւ ներքին մեծ խռովքներու վրայ զորս ընդնշմարած եմ եւ որոնց մասին երբեմն խօսած է ինձ, որովհետեւ կ’ըսէր. «կնոջ մը միայն կարելի է աւանդել այս կարգի հոգերը»։ Ինձ աւանդ թողած է նաեւ իր յուշատետրը, ուր օրը օրին նոթագրած է դէպքերը եւ տպաւորութիւնները Սվազէն-Պաթում ճամբորդութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ այն ժամացոյցը որ այդ միջոցին կը կրէր իր մօտ եւ որուն վրայ նայած եմ, կ’ըսէր, «այնքան սոսկալի, անձկալի եւ վրէժի ժամերուն մէջ»։ (Յուսաբեր, Գահիրէ, 4, 6 եւ 8 Փետրուար 1919, էջ 1)
22
ՏԻԿԻՆ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ (15 Փետրուար 1920, Նաւասարդ Սրահ, Գահիրէ)
Ա.
Նաւասարդ Սրահին Վարչութեան հրաւէրին վրայ, տաղանդաւոր գրագիտուհին, Տիկ. Զ. Եսայեան, Կիրակի օր, երկսեռ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան, մէկ ու կէս ժամ տեւող բանախօսութեամբ մը, պարզեց համառօտ գծերու մէջ, Հայաստանի վիճակը եւ Բարիզի զոյգ Պատուիրակութեանց գործունէութիւնը։ Ան յայտնեց թէ` ինչպէս մօտաւորապէս ամիս մը առաջ Բարիզի մէջ հայկական խնդրոյն շուրջ շատ շփոթ կացութիւն մը կը տիրէր եւ թէ ինչպէս քաղաքական վերջին դէպքերը եկան գլխովին տակն ու վրայ ընելու տրամադրութիւնները, որոնց արդիւնքն եղաւ Հայաստանի անկախութեան ճանաչումը։ Հայկական խնդրոյն վրայ խօսելէն առաջ, յարգելի բանախօսը, անհրաժեշտ նկատեց համառօտ ակնարկ մը նետել Հայաստանի կացութեան վրայ։ Ան ծանրացաւ մասնաւորաբար հայ բանակին ցոյց տուած հերոսական դիմադրութեան վրայ։ Մեր հայրենիքը, ըսաւ ան, չորս կողմէ շրջապատուած է թշնամիներով, որոնց ամէնքն ալ կը ձգտին բնաջինջ ընել հայ ցեղը, իրենց նպատակներուն կարենալ հասնելու համար։ Բայց շնորհիւ հայ դիւցազնական բանակին դիմադրութեան եւ հայ ժողովուրդի եւ իր արժանաւոր կառավարութեան տոկունութեան` թշնամի բոլոր յարձակումները փշրուեր են եւ այսօր հայկական սարսափին տակ կ’ապրին մեր ոսոխները եւ չեն յանդգնիր նմանօրինակ փորձեր կրկնելու։ Արտաքին թշնամիներէն դուրս, մենք ունինք, ըսաւ ան, ներքին թշնամիներ – այլացեղ ազգեր – որոնք ամէն ժամանակ տրամադիր են պոռթկալու արտաքին ազդակներէ մղուած։ Այսօր, սակայն, աւելի քան երբէք, մեր դիրքը հաստատուն է, շնորհիւ կառավարութեան ձեռք առած միջոցներուն։ Հայ ժողովուրդը կը գուրգուրայ իր անկախութեան եւ իր կառավարութեան վրայ, եւ ամէն ատենէ աւելի անխորտակելի տոկունութիւն մը ցոյց կուտայ։ Տնտեսապէս եւս բաւական բարւոք վիճակ մը ունի մեր երկիրը բաղդատմամբ նախորդ տարիներու, շնորհիւ Ամերիկայի ընձեռած օժանդակութեան։ Մեր բոլոր որբանոցներու խնամքը բացի կրթական գործէն, յանձնուած է Ամերիկացիներու, որոնք լաւագոյն կերպով կը տանին գործը։ Ան խօսեցաւ նախարարութիւններու կազմութեան եւ նախարարներու զոհողութիւններուն եւ անոնց ցոյց տուած ձեռնհասութեան վրայ։ Զօրաւոր փափաք մը կար քօալիսիօն նախարարութիւն մը կազմելու ժողովրդական եւ
23
Դաշնակցական կուսակցութիւններէն, բայց բանակցութիւնները անյաջող դուրս եկան։ Սակայն հակառակ այս ձախողանքին, շատեր կը խոստովանին, ըսաւ ան, որ Դաշնակցական կառավարութիւնը փրկեց Հայաստանի Անկախութիւնը։ Ի հարկէ, երբ մօտ օրէն խաղաղութիւն տիրէ, այն ատեն հարկ ու անհրաժեշտ է որ քօալիսիօն նախարարութիւն մը կազմուի եւ ամէն ոք իր ջանքն ու աշխատանքը բերէ հայրենիքի վերաշինութեան փրկարար գործին։ Պարզելէ յետոյ Հայաստանի կացութիւնը, ան խօսեցաւ Բարիզի դիւանագիտական գործունէութեան մասին։ Ցաւալի է որ, ըսաւ ան, դուք օրը օրին տեղեակ չէք մնացած այդ գործունէութեանց եւ այդ իսկ պատճառաւ ջղագրգիռ վիճակ մը ունինք։ Մեր խնդիրը այսօր շատ լաւ փուլի մը մէջ կը գտնուի։ Ճիշդ է թէ զինադադարէն ասդին բաւական տագնապալի վայրկեաններ ունեցանք։ Դաշնակիցներու ամենամեծ սխալը այն եղաւ որ շատ երկարաձգեցին Թուրքիոյ հետ կնքուելիք հաշտութիւնը, որուն հետ կապուած էր նաեւ մեր հայրենիքի ազատագրութեան հարցը։ Մեր խնդիրը այսքան չպիտի երկարաձգուէր, եթէ Դաշնակիցները իրարու միջեւ համաձայն ըլլային։ Թուրքերը օգտուեցան այս երկարաձգումներէն եւ կրկին իրենց ուժերը ամփոփեցին։ Բայց այժմ խնդիրը բոլորովին տարբեր է։ Այսօր Դաշնակիցները շատ լաւ տրամադրուած են մեզի հանդէպ։ Կիլիկիոյ մասին մեր յոյսերը դեռ ի դերեւ չեն ելած եւ ես վստահ եմ որ Կիլիկիոյ հարցն ալ կը լուծուի վերջ ի վերջոյ ի նպաստ մեր բաղձանքներուն։ Սկիզբէն ի վեր մենք հաւատացած էինք, որ Ամերիկա պիտի ստանձնէ Հայաստանի մանտան, եւ նոյն բանը կը սպասէին նաեւ Դաշնակիցները, բայց հաւանական չէ որ Ամերիկան այն մանտան ընդունի, թէեւ յոյսերը բոլորովին կտրուած չեն։ Ձեր յոյսերը մի ջլատէք, աւելի քան երբէք տոգորուած բոլորուեցէք մեր կառավարութեան շուրջ եւ աշխատեցէք ձեր գործակցութեան բաժինը բերել Հայաստանի վերածնութեան սուրբ գործին։ Ներկաները քանիցս խանդավառօրէն ծափահարեցին Տիկ. Եսայեանը իր գեղեցիկ բանախօսութեան համար։
(Յուսաբեր, Գահիրէ, 21 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 139, էջ 2)
24
ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
(22 Փետրուար 1920, Ժառտէն Ռոզէթ, Աղեքսանդրիա)
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
Սիրելի հայրենակիցներ, Այգը վերջապէս ծագեցաւ, դարաւոր խաւարը, մռայլ գիշերը որ մեր ետեւ կը թողունք լեցուն եղաւ մղձաւանջներով, սոսկումներով եւ սպառնալիքներով։ Ամբողջ սերունդներ խարխափելով անցան այդ անդոհական գիշերին մէջէն եւ վերջին պահուն մեզմէ շատերը, մեզմէ լաւագոյնները կորսուեցան անոր մէջ։ Գիտէինք սակայն որ խաւարը պիտի փարատէր եւ մեր ժողովուրդը պիտի տեսնար վերջապէս ազատութեան արեւը։ Այսօր մեր սրտերը լեցնող ուրախութիւնը անշուշտ թէ խառնուած է սուգերով, եւ դեռ սեւ ամպեր կան որ կը մթագնեն հորիզոնը, բայց գիտենք որ առաւօտեան ժամը հասած է եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը, երկրին մէջ թէ երկրէն դուրս, առանց խտրութեան քաղաքական եւ այլ դաւանանքներու, միացած եւ եղբայրացած կ’զգայ ինքզինքը ընդհանուր ուրախութեան մէջ։ Հայաստանի անկախութեան երազը, անհնարին երազն էր որ իրականացաւ, անիկա այս դարուս ամենէն գեղեցիկ հէքեաթներէն մէկն է, ամենէն գեղեցիկն է նոյն իսկ, որովհետեւ անիկա գաղափարի մը իրականացումը եւ գաղափարի մը յաղթանակն է։ Շատ մը փոքր ազգեր, շատ մը կորսուած ազգեր պատմութեան խորքերէն դուրս բերուեցան, կարգ մը ազգեր նոյն իսկ հակառակ իրենց ազգային անգիտակցութեան երեւան հանուեցան քաղաքական այլեւայլ նպատակներով, օրուան մեծ եւ ամենազօր պետութիւններուն այս կամ այն նպատակը իրականացնելու համար։ Մեր ազգը միայն իր անկախութեան տէր դարձաւ հակառակ իր թշնամիներուն եւ հակառակ իր բարեկամներուն։ Ազգային ազատագրութեան ձգտումը հայ ժողովուրդին մէջ միահամուռ եւ հաւաքական այն ձգտումներէն մէկն էր որուն վերացական ուժին առաջ տեղի տուին բոլոր արգելքները, բոլոր դժուարութիւնները, բոլոր անհնարութիւնները եւ որուն առաջ անզօր գտնուեցան թշնամիին բոլոր սոսկալի միջոցները. այն սրբազան հուրը որ վառուեցաւ մեր ազգին մէջ, կարելի չեղաւ մարել արեան եւ արցունքի հեղեղներու մէջ. վերջին 30 տարիներու ընթացքին մանաւանդ, երեք սերունդ յաջորդաբար իրենց հոգին խռովուած պահեցին այդ գեղեցիկ խենդութիւնով. ինչ որ հաշիւներով, իրական միջոցներով, մեր ունեցած զէնքի եւ մարդու ուժով անհնարին էր, հնարաւոր դարձաւ գաղափարի ուժով. եւ այդ է անշուշտ պատճառը որ թէ մեր յեղափոխութեան շրջանի անհաւասար պայքարներու մէջ,
25
թէ այս վերջի պատերազմի ընթացքին մեր կատարած դիմադրութիւններուն մէջ եւ թէ մինչեւ այսօր մեր սուրբ հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ հայ արի եւ տոկուն զինուորը չի մտածեց եւ չի մտածեր թէ ի՞նչ կարող է ընել այլ թէ ինչ պէտք է ընել. մենք մեր ուժերը բարձրացուցինք մեր իտէալին բարձրութեան եւ երբէք մեր իտէալը չի խոնարհեցուցինք մեր իրական ուժերուն համեմատութեան։ Հազուադէպ են այն ժողովուրդները որ այսպիսի վերածնունդ ունին եւ որոնց պատմութեան առաջին էջը զարդարուած ըլլայ այսքան հերոսութեամբ եւ գեղեցկութեամբ։ Քիչ ժողովուրդ կայ որ այսքան զոհ տայ եւ այսքան կանգուն մնացած ըլլայ, եւ զարմանալին այն է որ հայ ժողովուրդը բաժնուած իրարմէ սահմաններով, գրեթէ անհաղորդ, զրկուած յարաբերութիւններէ, զուրկ հետեւաբար գործունէութեան ընդհանուր ծրագրէ, ենթարկուած տարբեր կարգի վտանգներու, հոգեւին ամրապնդուած` տարբեր տեսակի բռնապետութիւններու ներքեւ գործեց, վարւեցաւ, պայքարեցաւ եւ կռուեցաւ դրդուած նոյն զգացումներէն, մղուած նոյն իտէալէն եւ ամէն տեղ հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ համարժէք արժանիք եւ կարողութիւն։ Կը բաւէ մտքով ընդգրկել սոսկալի քաոսը որ կը տիրէր պատերազմի ընթացքին. Թուրքիա կոչուած դժոխքը ուր միլիոնաւոր ժողովուրդի գլխին յանկարծ շողշողաց դահիճին սուրը. ամեն անոնց համար որոնք առիթ ունեցած են մեր ժողովուրդի այդ հատուածին ահռելի պատմութիւնը քննել մօտէն, ամեն մէկ էջին առիթը ունեցած են հպարտութեամբ սարսռալու. ո՞վ պիտի կարենայ երբէք իր համադրական արժէքին վերածել այն անվերջ կորովը որով ահագին զանգուածներ ցոյց տուած են կրաւորական դիմադրութեան մէջ։ Գեղեցիկ է անշուշտ եւ հերոսական Ուրֆայի դիմադրութիւնը, Շապին Գարահիսարի ցմահ պայքարը, բայց գեղեցիկ է նաեւ մտաբերել տղեկի մը յամառող տխրութիւնը որ զինքը որդեգրող թուրք ընտանիքին շռայլած փաղաքշանքներուն հակառակ, ծածկուած հարուստ եւ ոսկեթել պատմուճաններով, կ’ըսէին թէ երբէք, բայց երբէք չէին յաջողած ժպիտը բերել իր մանկական դէմքին վրայ։ Տղամարդը որ կը մեռնի զէնքը ձեռքը, կինը որ կը նախընտրէ գետը նետուիլ քան յանձնուիլ անարգ թշնամիին եւ առեւանգուած տղեկը որ այլեւս չի ժպտիր, նմանապէս մեծ են եւ նոյն բարձրութեան վրայ կանգնած։ Ահա մեր բարի եւ ազնուական ժողովուրդը Միջագէտքի մէջ, երէկ մեծատուն կամ բարեկեցիկ, այսօր ծածկուած ցնցոտիներով. իր աքսորի ամէն մէկ հանգրուանին կը ճգնի իր կեանքը կազմակերպել, գիտէ որ զինքը հանգիստ չի պիտի թողուն բայց անիկա կը հնազանդի իր ազգային հոգիին, իր հնադարեան բնազդին, իր անցած ճանապարհը կը շէնցնէ, իր տաժանելի աքսորին ամէն մէկ հանգրուանը կ’սկսի ծաղկիլ, հազիւ թէ խումբ մը մնացած է, կամ մոռցուած է անկիւն մը, վրաններու տակ կամ կիզիչ աւազներուն վրայ մանուկները կը հաւաքուին եւ դպրոց մը կը կազմեն. այդ իսկ է
26
սակայն մեր գլխաւոր ոճիրը թշնամիին հանդէպ եւ արեան հեղեղներու մէջ կը խեղդուին այդ բոլորը։ Սահմանամերձ նահանգներու մէջ, ինչպէս Վան եւ Մուշ հայ ժողովուրդը մէջտեղ կը բերէ դիմադրական այնպիսի ուժ մը որ սոսկում կը պատճառէ թշնամիին. 40 օր Վանի վրայ կը տեղայ գնդակ եւ ռումբ. ինչո՞վ կը դիմադրեն հայերը. հոգեկան արիութեամբ. որովհետեւ եթէ երկու կողմերու զինուորական ուժերը համեմատութեան դրուին, անհնարին բան է այդ կռիւը եւ ամենէն հանճարեղ ռազմագէտը պէտք էր որ զինաթափ ըլլար։ Աւելորդ է ձեզ մանրամասն խօսիլ ռուսական սահմանէն անդին հայ ժողովուրդին կատարած քաջագործութիւններուն վրայ. դժուարութիւնները տարբեր էին բայց նոյնքան դժնդակ օղակուած թաթարներէն եւ տաճիկներէն անիկա կը կռուի անխոնջ կերպով տասն անգամ բանակը կը կազմալուծուի եւ տասն անգամ կը վերակազմուի։ Կտրուած իրարմէ, զինուորական ուժեր առանձինն կը կատարեն այսու ամենայնիւ իրենց դերերը։ Տեսակ մը անպարտելի զգացում կը վերականգնէ հոգիները այն պահուն երբ թշնամին կը կարծէ թէ պարտութեան մատնած է մեզ։ Քայքայուած, ֆիզիքապէս սպառած, համաճարակներէ տասանորդուած, անօթի եւ կիսամերկ, յաճախ ոտաբոպիկ հայ զինուորները կը կռուին, երբ հրամանատարները կ’ստիպուին պահ մը խոնարհիլ ճակատագրին առաջ, զինուորները այսու ամենայնիւ կը կռուին, անոնք կը կռուին տարերային թափով, մղուած իրենց անսխալական բնազդէն եւ հրացանը չիյնար իրենց ձեռքերէն մինչեւ վերջը, հակառակ ամէն բանի, մինչեւ այսօր։ Ո՞վ կարող է իր իսկական արժէքով գնահատել այն բոլոր զոհողութիւնները որ հայ բանակի զինուորը կատարած է եւ կը կատարէ մինչեւ այսօր։ Ըլլայ անիկա Ղարաբաղի քաջերէն թէ Սվազի վերապրող հերոսներէն, ըլլայ անիկա ռուսահայ թէ թրքահայ մէկ է եւ եղբայր քաջութեան եւ տոկունութեան մէջ։ Եղբայր է նաեւ նոյն սկզբունքի եւ նոյն ձգտումի մէջ, եւ մանաւանդ իր ձեռքը զինող գաղափարը նոյնն է, Հայաստանի ազատութիւնը։ Սուրբ Ազատութիւնը... անիկա կրօնքը, մոլեռանդութիւնը եղաւ յաջորդական սերունդներուն. մայրեր ազատութեան երգերով օրօրեցին իրենց մանուկները եւ կախաղանը ու չարչարանքներ ցոյց տուին անոնց մատղաշ ուղեղներուն իբրեւ փառքի գագաթնակէտեր. պատանիներու եւ երիտասարդներու ամբողջ շարքեր, հրաժարեցան կեանքի ընծայած ուրախութիւններէն եւ գացին այն ճամբով որ զիրենք անսայթաք դէպի մարտիրոսութիւն կը տանէր. գիտակցաբար գացին եւ գիտակցաբար մեռան երբ նոյն իսկ մխիթարութիւնը չունէին յուսալու թէ պիտի տեսնան այս օրը։ Գիտէին որ սերունդներու զոհողութիւն անհրաժեշտ է եւ իրենք այդ սերունդներն եղան։ Ինչքան արիութիւն կորսուած եւ մոռցուած, ինչքան մատղաշ կեանքեր վաղահաս մահուան նուիրուած բանտերու խորշերուն մէջ, անտառներու մթութեան մէջ, կիրճերու եւ ձորերու անյայտութեան մէջ թաղուած։
27
Անոնք կ’երթային խաղաղ հոգիով, հրացանը ուսերնին եւ ազատութիւն երգելով։ Այդ յեղափոխական շրջանի հրոսախումբե՜րը, որոնք մեր պայքարը սկսան, որ մարմին տուին այն գաղափարին որով հրահրուած էր ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ որոնք իրենց գործերով եւ մահով կազմեցին այն աւանդութիւնները որոնցմով դաստիարակուեցաւ մեր սերունդը եւ երբ ժամը հնչեց, երբ հարկ եղաւ դիմաւորել մեր պատմութեան ամենէն ճգնաժամային օրերը մենք գտանք մեր արդար դատին պաշտպան ամբողջ բանակ մը, ամուր բազուկով, ամուր հոգիով եւ անխոնջ տրամադրութիւններով։ Այդ բանակն է որ այսօր կանգուն կեցած է Հայաստանի մէջ. այդ բանակն է որ աներեւակայելի դժուարութիւններու հակառակ պահակ կեցած է Հայաստանի սահմանին վրայ, անիկա է որ հետզհետէ աւելի զօրանալով եւ ստուարանալով դուրս պիտի ելլայ իր այսօրուան ամրութիւններէն, պիտի տարածուի մեր ամբողջ երկրին վրայ մինչեւ հասնի մեր բնական եւ օրինաւոր սահմանները։ Հայ զինուորը նոյնիսկ շատ դժուարահաճ օտարականներու վկայութեամբ ամենալաւ տեսակէ զինուոր է. ամէն անգամ որ առիթը ներկայացած է անիկա ցոյց տուած է զինուորական շատ թանկագին յատկութիւններ. հայ զինուորը տոկուն է եւ յանդուգն միայնգամայն եւ ինչ որ շատ գնահատելի է անիկա ունի իր զէնքի մարդու հպարտութիւնը. ստիպուած գրեթէ միշտ կռուելու այնպիսի ոխերիմ թշնամիի հետ որ ներել չի գիտեր, անիկա մարզուած է երբէք անձնատուր չըլլալու, որովհետեւ հայ զինուորին համար երկու ելք կայ կամ յաղթել կամ մեռնիլ. այսպիսի դժնդակ պայմաններու մէջ ամրացած պողպատի նման, հարուստ իր բնական ընդունակութիւններով հայ բանակը կոչուած է ըլլալու Մերձաւոր Արեւելքի ամենէն տոկուն եւ ամենէն հզօր զինուորական ուժը։ Ես տեսած եմ հայ զինուորը կռուի մէջ եւ տեսած եմ զայն յաղթական. երբ մարդ անգամ մը բաղդը ունեցած է տեսնալու այն ինչ որ ես տեսած եմ իրաւունք ունի ապագային նայելու մեծ վստահութեամբ։ Սիրելի հայրենակիցներ, անցանք ուրեմն մեր ճամբուն ամենէն տաժանելի մասը, հասանք ուրեմն մեր առաջին հանգրուանին. թող այս յաջողութիւնը որ ամենէն դժուարինն էր ամրապնդէ մեր կորովը եւ կամքը։ Մեր ժողովուրդը բազմակողմանի յատկութիւններով օժտուած է, անիկա ընդունակ է յաղթանակով դուրս գալու պայքարի բոլոր ասպարէզներէն. ինչ որ սկսանք մեծ դժուարութիւններով թերեւս ստիպուած ըլլանք շարունակել նոյնպէս դժուարութիւններով. թշնամին դեռ զինաթափ չէ բոլորովին եւ մենք ստիպուած ենք մեր իրաւունքներուն տիրանալ թիզ առ թիզ։ Ժողովուրդի բոլոր խաւերուն աշխատակցութիւնը անհրաժեշտ է իրականացնելու համար այն ինչ որ պիտի ըլլայ մեր յոյսերուն լրումը։ Եւ այդ իրականացումը պիտի ըլլայ վերջապէս մեր սեպհական ուժերով մեր զօրեղացած բանակով, այն դրօշակը, որ անցեալի մոխիրներէն դուրս հանեցինք, կը ծածանի այսօր մեր ազատ երկրին վրայ. այդ դրօշակը ամուր պիտի
28
պահենք մեր ձեռքերուն մէջ եւ անիկա այլեւս չի պիտի իյնայ մեր ձեռքերէն որովհետեւ մենք յաղթեցինք ոչ միայն մեր հզօր թշնամիին այլ նոյն իսկ մեր ճակատագրին։ (Արեւ, Աղեքսանդրիա, 25 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 124 (739), էջ 1. 27 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 125 (740), էջ 1-2։)
29
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՄՈՒՏՔ 1. Գրիգոր Պըլտեան, «Երկու վէպեր», Բագին, Պէյրութ, 2018, թիւ 2, էջ 14։
ԱՌԱՋԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ 2. «Տիկ. Զապէլ Եսայեան», Արեւ, Աղեքսանդրիա, 11 Դեկտեմբեր 1918, Դ. տարի, թիւ 91 (556), էջ 2։ 3. «Տիկին Զ. Եսայեան մեր մէջ», Յուսաբեր, Գահիրէ, 19 Դեկտեմբեր 1918, Դ. տարի, թիւ 111, էջ 2։ 4. Հրանտ Եսայեան, Իմ մայրիկը, https://www.zabelyesayan.info/2019/03/i.html եւ https://www.zabelyesayan.info/2019/04/ii.html։ Զապէլ Եսայեանին նուիրուած այս պլոկը պատրաստած է գրականագիտուհի Լարա Ահարոնեան։ 5. Տոքթ. Կորեկեան, «Պաղտատէն Բօր-Սայիտ», Արեւ, 8 Յունուար 1919, Դ. տարի, թիւ 103 (568), էջ 2։ 6. «Թէյասեղան ի պատիւ Տիկին Զապէլ Եսայեանի», Յուսաբեր, 31 Դեկտեմբեր 1918, Դ. տարի, թիւ 116, էջ 2։ 7. Զապէլ Եսայեան, «Բաց նամակ Եգիպտոսի հայ մամուլին», Յուսաբեր, 28 Դեկտեմբեր 1918, Դ. տարի, թիւ 115, էջ 1-2։ 8. Մարի Յ. Չայլագեան, «Տիկ. Զապէլ Եսայեան», Արեւ, 10 Յունուար 1919, Դ. տարի, թիւ 104 (569), էջ 2։ 9. Պ. «Դասախօսութիւն», Յուսաբեր, 7 Յունուար 1919, Դ. տարի, թիւ 119, էջ 2-3։ 10. Անդ, էջ 3։ 11. «Ժամանում», Արեւ, 8 Յունուար 1919, Դ. տարի, թիւ 103 (568), էջ 3։ X. «Կեանքը Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 16 Յունուար 1919, էջ 2։ 12. X. «Կեանքը Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 16 Յունուար 1919, էջ 2։ 13. «Բանախօսութիւն», Արեւ, 8 Յունուար 1919, Դ. տարի, թիւ 103 (568), էջ 3։ «Տիկ. Զ. Եսայեանի բանախօսութիւնը», Արեւ, 13 Յունուար 1919, Դ. տարի, թիւ 105 (570), էջ 2։ X. «Կեանքը Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 16 Յունուար 1919, էջ 2։ 14. «Տիկ. Զ. Եսայեանի բանախօսութիւնը», Արեւ, 13 Յունուար 1919, Դ. տարի, թիւ 105 (570), էջ 2։ 15. X. «Կեանքը Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 16 Յունուար 1919, էջ 2։ 16. Անդ, էջ 2։ 17. «Թէյասեղան ի պատիւ Տիկ. Զ. Եսայեանի», Արեւ, 15 Յունուար 1919, Դ. տարի, թիւ 106 (571), էջ 3։ X. «Կեանքը Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 16 Յունուար 1919, էջ 2։ 18. X. «Կեանքը Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 16 Յունուար 1919, էջ 2։ 19. «Ազգային քրոնիկ», Արեւ, 13 Յունուար 1919, Դ. տարի, թիւ 105 (570), էջ 2-3։ X. «Կեանքը Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 16 Յունուար 1919, էջ 2։ 20. «Կեանքը ի Զակազիկ», Յուսաբեր, 8 Փետրուար 1919, էջ 1։ 21. «Մեկնում», 5 Փետրուար 1919, Դ. տարի, թիւ 114 (579), էջ 2։
30
ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ 22. Ա. «Տիկին Զապէլ Եսայեանի բանախօսութիւնը», Յուսաբեր, Գահիրէ, 21 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 139, էջ 2։ 23. «Մեկնում», Յուսաբեր, 21 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 139, էջ 2։ 24. «Համազգային մեծաշուք ցնծատօն հայկ. պետութեան ճանաչման առթիւ», Արեւ, 20 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 122 (737), էջ 3։ 25. X., «Կեանքը Աղեքսանդրիոյ մէջ», Յուսաբեր, 28 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 142, էջ 2։ 26. Վտարանդի, «Համազգային մեծաշուք ցնծատօն», Արեւ, 23 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 123 (738), էջ 3։ 27. «Տիկին Զապէլ Եսայեանի ճառը», Արեւ, 25 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 124 (739), էջ 1. 27 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 125 (740), էջ 1-2։ 28. «Մեկնում», Յուսաբեր, 21 Փետրուար 1920, Ե. տարի, թիւ 139, էջ 2։
31
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ
3
ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
11
ԱՌԱՋԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐԸ ԵՒ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Բաց նամակ Եգիպտոսի հայ մամուլին ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
Մուրատ (անձնական յիշողութիւններ) ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
Տիկին Զապէլ Եսայեանի բանախօսութիւնը Ա. Բանախօսութիւն ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
5
13 13 17 23 25
30
33
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 2016
Յաւելուած Ա. Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ, նախաբան` Հայկ Աւագեան (59 էջ)
Յաւելուած Բ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ` յիշողութիւն եւ մարտահրաւէր (դասախօսութիւն) (40 էջ)
Յաւելուած Գ. Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր` Հ. Աւագեան (61 էջ)
Յաւելուած Դ. Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը (202 էջ)
2017
Յաւելուած Ե. Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (317 էջ)
Յաւելուած Զ. Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (201 էջ)
Յաւելուած Է. Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (561 էջ)
Յաւելուած Ը. Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքի ուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (546 էջ)
34
Յաւելուած Թ. Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (19401948), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (88 էջ)
Յաւելուած Ժ. Տիրան Կարապետեան. յօդուածներ իր մասին, նկարներու ալպոմ (ծննդեան 135ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (73 էջ)
Յաւելուած ԺԱ. Վանիա Էքսէրճեան. բազմերանգ աշխարհ մը համակ կենսունակութեամբ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (53 էջ)
2018
Յաւելուած ԺԲ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Ա.- Հայկ Աւագեան, Արփիար Արփիարեանի սպանութիւնը (155 էջ)
Յաւելուած ԺԳ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Բ.- Արփիար Արփիարեանի լոնտոնեան թղթածրարը Գահիրէի մէջ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (497 էջ)
Յաւելուած ԺԴ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Գ.- Մարդը ընդդէմ մարդու. մահափորձեր եւ սպանութիւններ հայկական օրինակով (1890-1908), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (169 էջ)
Յաւելուած ԺԵ. 2008 Մարտ 1-ը ըստ Lragir.am-ի, A1+-ի եւ Հետքի (10-ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (625 էջ)
Յաւելուած ԺԶ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Ա. փուլ (13 – 23 Ապրիլ 2018) (32 էջ)
35
Յաւելուած ԺԷ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Բ. փուլ (25 Ապրիլ – 1 Մայիս 2018) (58 էջ)
Յաւելուած ԺԸ. Արմենակ Շահ-Մուրատեան. ժամանակագրութիւն, յօդուածներ, երգացանկ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (580 էջ)
Յաւելուած ԺԹ. Գոհարիկ Ղազարոսեան. ցանկ ստեղծագործութիւններու, սկաւառակագրութիւն, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (160 էջ)
Յաւելուած Ի. Մարուշ Երամեան, Ուրուանկար 1965-1995 թուականներու Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան, ներածութիւն` Հայկ Աւագեան, գնահատանքի խօսք` Արմենակ Եղիայեան (182 էջ)
2019
Յաւելուած ԻԱ. Քիրազ. ընտրանի եգիպտական շրջանի երգիծանկարներու, հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (81 էջ)
Յաւելուած ԻԲ. Հայկ Աւագեան, Վահան Թէքէեանի յօդուածները Արեւ լրագիրին մէջ. հնարաւորութի՞ւն թէ դիմադրութիւն (124 էջ)
Յաւելուած ԻԳ. Հայկ Աւագեան, Արամ Խաչատրեանի ընկալումը եգիպտական շրջանակներու մէջ. փոխուող յարացոյցներ (250 էջ)
Յաւելուած ԻԴ. Վարան Ոյժ, Յակինթի պարտէզը (բանաստեղծութիւն), նախաբան` Հ. Աւագեան (52 էջ)
Յաւելուած ԻԵ. Եւգենեա Արիստակեան, Յուշեր գաղութահայ կեանքից, տեքստի կազմող, առա-
36
ջաբանի եւ ծանօթագրութիւնների հեղինակ` Արծուի Բախչինեան, ներածութիւն` Հ. Աւագեան (264 էջ) Յաւելուած ԻԶ. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ ազատագրական շարժման. դասախօսութիւններու շարք, հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (101 էջ)
Յաւելուած ԻԷ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Ա.- Կոմիտաս վարդապետ, Տարբերակներ դաշնակի ստեղծագործութիւններու, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւն` Հայկ Աւագեան (160 էջ) Յաւելուած ԻԸ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Բ.- Հայկ Աւագեան, Կոմիտաս վարդապետի բաց ստեղծագործութիւն հասկացողութիւնը. տարբերակներ եւ ինքնատարբերակներ Կոմիտասի թեմայով (89 էջ)
Յաւելուած ԻԹ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Գ.- Հայկ Աւագեան, Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի մշակութային ժառանգութիւնը եւ Կոմիտաս վարդապետի Մշոյ Շորորը (127 էջ)
Յաւելուած Լ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Դ.- Ձայնագրեալ Պատարագը Կոմիտաս վարդապետի սրբագրութեամբ (ըստ Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանի ինքնագիր նիւթերուն), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (348 էջ) 2020
Յաւելուած ԼԱ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Ա. հատոր, Ուսումնասիրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (370 էջ)
Յաւելուած ԼԲ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Բ. հատոր, Մատենագիտութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (141 էջ)
37
Յաւելուած ԼԳ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Գ. հատոր, Զանազան գրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (408 էջ)
Յաւելուած ԼԴ. Մասիս Պետրոսեան, Կենսագրութիւն Ապահ Պետրոսեանի եւ քննական պատմութիւն Զէյթունի 1895ի պատմական մեծ ապստամբութեան, հրատարակութեան պատրաստեցին` Տիգրան Գէորգեան եւ Հայկ Աւագեան (392 էջ) Յաւելուած ԼԵ. Հայկ Աւագեան, Ալեքսանդր Խատիսեանի պատմական այցելութիւնը Եգիպտոս եւ Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը. ուղի մը հաւաքականութենէ դէպի անձնականութիւն (80 էջ)
Յաւելուած ԼԶ. Հայկ Աւագեան, Զապէլ Եսայեանի երկու այցելութիւնները Եգիպտոս (1918-1920) (38 էջ)
38