ՎԱՆԻԱ ԷՔՍԷՐՃԵԱՆ
ԲԱԶՄԵՐԱՆԳ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ
ՀԱՄԱԿ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ Պատրաստեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԺԱ. ԳԱՀԻՐԷ 2017
ՎԱՆԻԱ ԷՔՍԷՐՃԵԱՆ
ԲԱԶՄԵՐԱՆԳ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ
ՀԱՄԱԿ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ Պատրաստեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԺԱ. ԳԱՀԻՐԷ 2017
Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան
Այս գրքոյկը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։
Ստանալու համար դիմել` tchahagir@journalist.com
ՎԱՆԻԱ ԷՔՍԷՐՃԵԱՆ (1960-2004)
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ
Հ. Ա.
2004 Մարտ 16-ին, Նոզհայի (Հելիոպոլիս, Գահիրէ) Հարուն Ալ-Ռաշիտ փողոցի բնակելի շէնքերէն մէկուն մէջ, խելագարուած բնակիչ մը դանակահարելով կը սպաննէ իր դրացին` Յակոբ Էքսէրճեան (77 տարեկան) եւ իր դուստրը Վանիա Էքսէրճեան (44 տարեկան), ապա իջնելով սանդուխներէն կը սպաննէ պատահաբար դիմացը յայտնուող երրորդ դրացի մը` Մարի Բարմաքեան (81 տարեկան)։ Ոճրագործը` Մոհամմէտ Ալ-Թումի (48 տարեկան), անմիջապէս կը ձերբակալուի ոստիկանութեան կողմէ։ Դէպքը կը ցնցէ ամբողջ Եգիպտոսը։ Պատահարներու նուիրուած եգիպտական գլխաւոր շաբաթաթերթը` Ախպար ալ-հաուատէս, դէպքը կ’ընդունի իբրեւ առաջին էջի զգայացունց պատմութիւն։ Մարտ 18-ին կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ կանգնելու տեղ չկար։ Սպանութիւնները կը ցնցեն մարդոց, մարդիկ յաճախ նման ցնցումները կը դարձնեն մեծ պատումներու առարկայ։ Իսկ կեա՞նքը։ Կրնա՞յ կեանք մը` ապրումով ու ստեղծագործականութեամբ լեցուն, ցնցել մարդոց։ Յուղարկաւորութեան արարողութեան եկեղեցին լեփ-լեցուն էր։ Երբեւէ պատահա՞ծ է որ Վանիայի բեմելներուն սրահին մէջ քանի մը հայ ներկայ գտնուած ըլլայ...։ Վանիա Էքսէրճեան ծնած է Գահիրէ, 1960 Օգոստոս 17-ին։ Կրթութիւնը ստացած է Նուպարեան Ազգային Վարժարանի նախակրթարան բաժինը եւ ապա St. Clare’s College։ Երկու վարժարաններու արտադասարանային գործունէութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են արտասանութիւնն ու թատրոնը։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, ուր ուսանած է հոգեբանութիւն (հիմնական առարկայ) եւ թատրոն (լրացուցիչ առարկայ)։ Աւարտաճառը եղած է` Երեխաներու հոգեբանութիւնը եւ թատրոնը։ Համալսարանին մէջ մաս կազմած է թատերական ծաւալուն գործունէութեան` մասնակցելով ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն ներկայացումներու, աշխատարաններու (workshop), վերապատրաստութեան նստաշըրջաններու, մանկական թատրոններու, Թեննեսի Ուիլիամսի A Streetcar Named Desire եւ Փիրանտելլոյի Six Characters in Search of an Author թատրերգութիւններուն, եւ այլն։ 1980-ականներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերած է եգիպտահայ գաղութի ձեռնարկներուն, յատկապէս ասմունքով, որոնք ամբողջապէս արձանագրուած են Արեւ օրաթերթի էջերուն մէջ։
5
Երեք տարի ուսուցչութեամբ զբաղած է Մերճանեան Ազգային Մանկապարտէզի մէջ, «բայց իր մօտեցումը վնասած ըլլալով հին կարգապահիչներուն հեղինակութիւնը, ան իր կամեցողութեամբ կը հեռանայ», կը գրէ Եուսէֆ Ռախա, ըստ Վանիայի հետ ունեցած անձնական հանդիպումին։1
ԶԱՍՍԻ ՊՈՒՊՐԻԿՆԵՐՈՒ ԹԱՏՐՈՆ
Ամերիկեան Համալսարանի տարիներուն, ընկերներու հետ հիմնած է պուպրիկներու թատերական խումբ մը` Zassy, որ ծաւալած է ուշագրաւ գործունէութիւն։ Ներկայացումին բոլոր բաղադրիչները կը ստեղծէին խումբին անդամները` խօսքերը, երգերը, բեմադրութիւնը, ձեւաւորումը։ Ալ-Ուարշայի հետ ունեցած բազմակողմանի գործունէութեան եւ ֆիլմի աշխարհ մուտք գործելու պատճառով 1990-ականներուն սկիզբը հեռացած է խումբէն։
ՖԼՈՐԱ ԱՆՁԵՌՈՑԻ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ
1990-ականներու սկիզբը իբրեւ օգնական բեմադրիչ Վանիա կը մասնակցի Ֆլորա թուղթէ անձեռոցի հեռատեսիլի ծանուցումի նկարահանումին։ Բեմադրիչն էր Շարլ Եասմին։ Նկարահանումի ժամանակ գործընկերները գաղափար կը յղանան քանի մը երկվայրկեան նկարահանել Վանիային, միւս պաշտօնապէս հրաւիրուած մոտէլներուն հետ։ Գաղափարը կը գործադրուի։ Ծանուցումը ամենախիտ յաճախականութեամբ քանի մը տարի շարունակ կը ցուցադրուի Եգիպտոսի հեռատեսիլի կայաններով։ Վանիայի անունը, բոլոր մոտէլներուն նման, յիշատակուած չէր։ Բայց այդ քանի մը երկվայրկեանը բաւարար էր որ իր դէմքը ծանօթ դառնար միլիոնաւոր եգիպտացիներու։
ԱԼ-ՈՒԱՐՇԱ
Ալ-Ուարշա արաբերէն բառացիօրէն կը նշանակէ աշխատարան (workshop)։ Բայց անիկա տուեալ աշխատարանին պաշտօնական անուանումն է եւ այդպէս ծանօթ է նաեւ ոչ-եգիպտական շրջանակներու մէջ։ Հիմնած է Հասան Ալ-Կրեթլի, 1987-ին։ 1988-ին ունեցած է իր մնայուն վայրը` 17, Շերիֆ փողոց, երրորդ յարկ, Գահիրէ։ Իր գործունէութիւնն է թատերական ներկայացումները, դերասաններու վերապատրաստութիւնը եւ աշխատարաններու կազմակերպումը։ Ալ-Կրեթլի կու տայ Ալ-Ուարշայի գաղափարական ուղղուածութեան համառօտագրութիւնը. «Վերաքննութեան ենթարկելով թատրոնի արեւմտեան ձեւերը` զորս Եգիպտոս կը վկայակոչէր ԺԹ. դարէն սկսեալ, Ալ-Ուարշա Թատերախումբը իր տեսադաշտը ուղղեց դէպի ժողովրդական մշակոյթները իբրեւ բնատիպ գործեր կերտելու ակունքներ։ Բացի նոր ու բնատիպ գործեր ստեղծելէ
6
եւ դերասաններ մարզելէ, Ալ-Ուարշա գնաց դէպի իր ունկնդիրները, դէպի ուրիշ բնագաւառներու սիրողներն ու մասնագէտները` որոնք կը փափաքին օգտագործել թատրոնը, դէպի երեխաները իրենց դպրոցական համակարգին մէջ, ինչպէս նաեւ դէպի հասարակականապէս ու տնտեսապէս մեկուսացուածները։ Ներկայիս Ալ-Ուարշա կը փորձարկէ ներկարգապահական [interdisciplinary] մօտեցում մը` համագործակցելով հասարակական գործողութեան մէջ ներգրաւուած մարդոց հետ։ Այս բնաբանին մէջ, Ալ-Ուարշա հմտութիւն ձեռք կը բերէ յատուկ դեր խաղալու` առանց ընդհարումի, եւ, ամենակարեւորը, առանց սադրանքի, իր գործընկերներու հիմնարկային շրջանակներուն մէջ, որոնց օրակարգերը կրնան բաւական տարբեր ըլլալ խումբէն։»2 Ալ-Ուարշա ինքնագործ, ոչ-պետական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը վայելէ օտար ոչ-պետական կազմակերպութիւններու հովանաւորութիւնը։ Կրնայ ըլլալ ասիկա է պատճառը` որ ան աւելի հռչակ ունի արտասահման քան Եգիպտոս։ Անիկա ծնունդն է 1990-ականներուն Եգիպտոսի մէջ սկսած շարժումներուն, որոնց նպատակն էր գտնել արտայայտուելու նոր տարածութիւններ։ Այս առումով Սամիա Մեհրէզ կը բացատրէ. «Յատկապէս տեսողական բնագաւառին մէջ, անցեալ տասնամեակին [իմա` 1990-ականներուն, Հ.Ա.] Գահիրէի մէջ սեփական ցուցասրահներու [galleries] եւ համադրողներու բազմացող քանակը` առաջարկելով թէ՛ խորհրդանշական եւ թէ տնտեսական ճանաչում, երիտասարդ աւանկարտ եւ որոշ հաստատուած անկախ արուեստագէտներու համար անկասկած բացաւ արուեստի արտադրութեան այլընտրանքային տարածութիւն։ Այս սեփական մշակութային բնապատկերը 1990-ականներուն սկիզբ առաւ հաւանաբար Գահիրէի կեդրոնը գտնուող քանի մը օտար ցուցադրողներու եւ համադրողներու կողմէ` որոնք կը ներկայանային Mashrabia, Espace Karim Francis եւ Tounhouse ցուցասրահներուն մէջ։ Արդարեւ, այս այլընտրանքային մշակութային բնապատկերը այժմ ստացած է իր սեփական կեանքը` նոր եգիպտացի խաղացողներով, ինչպէս` Ալ-Ուարշա Թատերախումբ, Սաքիաթ Ալ-Սաուի Մշակութային Կեդրոն, Կատարողական Արուեստի Սթիւտիօ ’Իմատ Ալ-Տին, երիտասարդ արաբ արուեստագէտներու Ալ-Մաուրիտ Ալ-’Արապի, Ժամանակակից Պատկերի Կեդրոնի խումբ, եւ ուրիշներ։ Պէտք է նշել այս ընդարձակուող տարածութեան մէջ գոյութիւն ունեցող համագործակցութիւնը օտար թէ եգիպտական կազմակերպութիւններուն միջեւ, որ անշուշտ ընդարձակեց եւ հարստացուց Եգիպտոսի մշակութային արդիւնաբերութիւնը։ Արդարեւ, ասիկա նաեւ տարածութիւն մըն է, որ թերեւս բոլոր ներգրաւուածներուն տուաւ ինքնավարութեան պատրանքը ընդդէմ պետութեան, ինչպէս նաեւ ընդդէմ տեղական ու համաշխարհային բնաբաններուն` որոնց մէջ կը գործեն։»3 Սամիա Մեհրէզ այս շարժումները կ’անուանէ այլընտրանքային` տարածութեան առումով։ Կը դժուարանամ զանոնք ամբողջապէս դնել այլընտրանքի
7
գաղափարական շերտաւորումին մէջ։ Կը բաւէ իմանալ` որ Ալ-Կրեթլի շատ մտերիմ ընկերն էր Եգիպտոսը քառորդ դար (1987-2011) գերիշխած մշակոյթի նախարար Ֆարուք Հոսնիին։ Իսկ 1987 թուականը կը հանդիսանայ թէ՛ ԱլՈւարշայի հիմնադրումի տարին եւ թէ Ֆարուք Հոսնիի գահակալութեան առաջին տարին։ Հոսնի դիւրութիւններ ընձեռած է Ալ-Ուարշային յարաբերակցելու օտար հովանաւորներու հետ եւ կապեր հաստատելու օտար հիմնարկներու հետ, միշտ պահելով արտաքին ու ձեւական հեռաւորութիւն մը։ Կը բաւէ իմանալ, որ Ալ-Ուարշա աշխատած է այնպիսի դերասաններու հետ (’Ապլա Քամէլ, Մոհամմատ Ապուլ Խէյր, եւ այլն), որոնց համար այլընտրանքային համոզում կտրականապէս գոյութիւն չունի, այլ իրենց ամբողջ գործունէութիւնը ուղղուած է դէպի հիմնահոսանքային ֆարս թատրոնները կամ դէպի Գահիրէի Օփերան` Եւրոպայէն կրկնօրինակուած իր օփերայի բեմադրութիւններով։ Կը բաւէ իմանալ, որ Ալ-Ուարշա ոչ մէկ խնդիր կը տեսնէ իր բեմադրութիւնները ներկայացնել Մշակոյթի Նախարարութեան պատկանող եւ անկէ մատակարարուող Գահիրէի Օփերայի կամ Ալ-Հանակէրի մէջ։ Կը բաւէ իմանալ, որ Եգիպտոսի մէջ կը գտնուին այլընտրանքային հզօր ու տարածուած շարժումներ` ներառեալ ընդհատակեայ շատ ազդեցիկ արուեստագէտներ, որոնցմէ ոչ մէկը ներգրաւուած է ԱլՈւարշայի կազմին մէջ, ուրիշ հարց, թէ մէկ-երկու արուեստագէտ Ալ-Ուարշայէն ետք, իրենց անձնական նախաձեռնութեամբ, դարձած են ընդհատակեայ։ Իրական ու խորքային այլընտրանքային գաղափարական շարժում Եգիպտոսի մէջ` նախարարութենէն անկախ, իրապէս սկսած էր այդ տարիներուն, յաճախ ենթարկուելով Հոսնիի ճնշումներուն եւ հրապարակային արհամարհանքներուն։ Օրինակ, գրականութեան բնագաւառին մէջ յայտնուեցան ինքնուրոյն սեփական հրատարակչատուներ` Տար-Շարքէյաթ եւ Տար Մերիթ, որոնք տպագրեցին նշանակալի քանակութեամբ արձակ ու չափածոյ գրականութիւն, յաճախ ունենալով ամենալայն իմաստով հակաիշխանական միտումներ։ ԱլՈւարշա երբեք հակաիշխանական չէ եղած։ Ուրիշ հարց, թէ անիկա ունեցած է հետաքրքրական գեղարուեստական արտադրութիւն մը, որ տարբեր էր շուկան խճողած պետական ու սեփական թատերական զաւեշտախաղերէն ու անորակ բեմադրութիւններէն, ինչպէս նաեւ պետական կրթական հիմնարկներու քարացած մեթոտներէն եւ ամրագրուած տիրոյթներէն։ Իմ առարկութիւնս պարզապէս Մեհրէզի «այլընտրանքային» դասակարգումի մասին է։ Անտրու Համմոնտ 2005-ին զայն կը համարէ երկիրի միակ իրապէս անկախ թատերախումբը. «Թատրոնը փորձարկելու ամենէն աչքի զարնող ջանքը` որ կը գտնուի առեւտուր-ընդդէմ-մտաւորական թատրոնի տեւական երկընտրանքի սահմաններէն անդին, ստանձնած է Ալ-Ուարշա ընկերութիւնը։ Ան հիմնուած է Եգիպտոսի մէջ իր տնօրէն Հասան Ալ-Կրեթլիի կողմէ եւ կը հանդիսանայ երկիրի միակ իրապէս անկախ թատերախումբը։ Եուսէֆ Ուահպիի նման, Կրեթլի
8
փորձեց զտել արուեստը զանգուածներու այլասերուած թատրոնի խեղդուածքէն։»4 Ալ-Ուարշա կրնայ բեմադրել որեւէ տեղ եւ ամէն տեղ, անոր նպատակն է կոտրել բեմ-հանդիսատես ճեղքուածքը։ Հարինկ-Սմիթ 2001-ին կը գրէ. «Ներկայիս, խումբը կը միախառնէ հեքիաթասացութիւնը եւ թատերական ներկայացումը ձեւաւորելու նոր տեսակ գործողութիւն մը, շատ նման հեքիաթներու թատրոնին։ Ալ-Ուարշայի ներկայացումները բնորոշ կերպով տեղի կ’ունենան վրաններու մէջ եւ 400-ամեայ բնակարաններու բակը, եւ ոչ թէ պաշտօնական թատրոնի շէնքերու մէջ։ Ունկնդիրները կը նստին երկու կողմերը` դէմքով իրարու դիմաց, իսկ կատարողները կը շարժին ունկնդիրներուն միջեւ։»5 Ապա կ’աւելցնէ. «Իրենց ներկայացուցած դիւցազներգութիւններուն նման, այս թատրոնը կը թուի բառացիօրէն ծագած ըլլալ ժողովուրդէն։ Խաղացողներուն եւ հանդիսատեսին միջեւ եղած սահմանը նսեմացած է եւ թափանցելի է։ Ներկայացումը գոյութիւն ունի համայնքին ընդմէջ, ինչպէս նաեւ անոր աչքերուն առջեւ։»6 Ալ-Ուարշա փոխած է թատերական «հերոս»-ի հիմնահոսանքային ըմբռնումը, ինչպէս կը բացատրէ Վիոլա Շաֆիք. «Այս տեսակ փորձառական թատրոնը շեշտը չի դներ շրջապատին հետ բախումի ենթարկուած «խնդրական հերոսի»ն վրայ, եւ ոչ ալ միայն ճակատագիրով կամ հասարակութեամբ ղեկավարուող էակին վրայ։ «Մտաւորապէս» վերաբաշխելով այսպէս կոչուած ժողովրդական եւ աւանդական մշակոյթը, ան անջատուեցաւ այս տարրերը բաւական անգիտակից կերպով գործածող հիմնահոսանքային սինեմայէն։»7 Այսպիսի միջավայրի մը միացած է Վանիա 1989-ին, դառնալով անոր գործունեայ անդամներէն մէկը։
Ա. ՏԱՅԷՐ ՄԱ ԵԱՏՈՒՐ (1990) Տայէր մա եատուր թատրերգութիւնը ներշնչուած է Ալֆրէտ Ժարիի (Alfred Jarry) Իւպիւ (Ubu) թատրերգութիւններու շարքէն։ Ալ-Ուարշա Թատերախումբը զայն առաջին անգամ բեմադրած է 1990-ին։ Սենարիօ` Խալէտ Կուէյլի, Նակիպ Կուէյլի, Հասան Ալ-Կրեթլի Երգերու խօսքեր` Խալէտ Կուէյլի, Նակիպ Կուէյլի Նախաբանի եւ վերջաբանի երգեր` Ուսամա Ալ-Ղազուլի Բեմադրիչ` Հասան Ալ-Կրեթլի Դերակատարներ` Ահմատ Քամալ (Տայէր) Հանա Եուսէֆ (Հոնէյա, Շէյխա Նապաուէյա, Թա’ատիլ) Սայէտ Րակապ (Իպրահիմ Էպն Ալ-Սոքքար ուալ Լամուն, Գիւղացի) Վանիա Էքսէրճեան (Սուլթանուհի, Իշխան Մամաի) Պութրոս Ռա’ուֆ (Խան Պայ, ’Օսման)
9
10
Տայէր մա եատուր թատրերգութեան ներկայացումներէն մէկը Աջին` Վանիա Էքսէրճեան
Ահմատ Մուխթար (Սուլթան) Ռամատան Խաթէր (Իշխան Մեղլեպա) Ահմատ Ալ-Քոմի (Խայալ Ալ-Զէլլ խումբի տնօրէն) Հասան Խանուֆա (Խիղճը) Վանիայի առաջին ելոյթն է Ալ-Ուարշայի հետ։ Ալ-Ուարշայի չորրորդ բեմադրութիւնն է, բայց առաջինն է որ կ’արմատաւորէ թատերախումբին ընթանալիք ուղին` որուն մասին ակնարկուեցաւ վերը։ «Իւպիւ ծրագիրը նշանաւորեց եգիպտական ֆոլքլորային արուեստին մէջ Ալ-Ուարշայի ունեցած երկար եւ արդիւնաւէտ հետազօտութեան սկզբնաւորութիւնը», դիտել կու տայ Հարինկ-Սմիթ։8 Պատմութիւնը փոխադրուած է Մեմլուքեան շրջանի Եգիպտոս, երկիրին համար բաւական արիւնալի ու անկայուն շրջան մը։ Հարինկ-Սմիթ կը խտացնէ բովանդակութիւնը. «Թատրերգութեան պատմիչը` Իպրահիմ, աւանդական ստուերային պուպրիկի խաղարկող մըն է, որ կը պատմէ բռնութեան պատմութիւններ իբրեւ հակադրութիւն արուեստներու իր անձնական հաւատարիմ հետապնդումին։»9 Ալ-Կրեթլի բեմադրութեան մէջ կը ներգրաւէ ստուերային պուպրիկի արուեստի ժողովրդական խաղարկողները։ Ստուերային պուպրիկը ֆոլքլորային արուեստ մըն էր, որ կը գտնուէր անհետացումի եզրին։ Ալ-Կրեթլի կը գտնէ անոնցմէ երեքը եւ կ’առնչէ Ալ-Ուարշայի հետ, կորուստէ փրկելով ֆոլքլորային աւանդական արուեստ մը։10 Ինչպէս Ալ-Շէրպինի դիտել կու տայ, Տայէր մա եատուր «կը ներկայացնէ բարձր մտաւոր յատկութիւններով գործ մը` արտայայտուած պարզ եւ դիւրամատչելի կառուցուածքով։»11 Թատրերգութեան բեմադրութիւնը կը շարունակուի երկու տարի` Գահիրէի Օփերայի Թատրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ Ցիւրիխի, Քարթաժի եւ Գահիրէի թատերական փառատօներուն։ Այսպէս, Վանիա կը դառնայ թատրոնի նոր ուղղութեան մը հիմնադիր անդամներէն մէկը։
Բ. ՂԱԶԻՐ ԱԼ-ԼԷՅԼ (1993) Վանիայի երկրորդ ելոյթը Ալ-Ուարշայի հետ` Ղազիր ալ-լէյլ (Գիշերային ալիքներ) թատրերգութեան մէջ։ Ասիկա Ալ-Ուարշայի առաջին ամբողջապէս եգիպտական թատրերգութիւնն է։ Հիմնուած է Հասան եւ Նա’իմա ժողովրդական մաուուալի (հեքիաթ/գեղօն) վրայ։ Հեքիաթասացութիւն, թահթիպ (փայտերու պար), ստուերային պուպրիկներ, սուֆիական բանաստեղծութիւն, եկեղեցական տաղեր, եւ այլն, հանդէս կու գան միատեղ, քանի որ բոլորն ալ կը կազմեն եգիպտական էութիւնը։
11
Անցումը Տայէր մա եատուրէն դէպի Ղազիր ալ-լէյլ կը բացատրէ բեմադրիչը` Հասան Ալ-Կրեթլի. «Տարիներու ընթացքին Տայէր մա եատուրի ենթարկուած փոփոխութիւնները մեզի ցոյց տուին, որ գծային տրամաբանութիւնը` ըլլայ հասարակ թէ «վերացական», կը սահմանափակէ թատրերգութիւններու կառուցումին մէջ աշխարհի այլընտրանքային ընկալումները արտացոլելու երեւակայութեան տարողութիւնը։ Հետեւաբար, 1993-ին ներկայացուած Ղազիր ալ-լէյլի հատուածները սկսան երեւան գալ հեքիաթասացութեան գործադրութեան երկար շրջանէ մը ետք, իր բազմակի հեռանկարներով եւ ունկնդիրին հետ ունեցած փոխգործակցութեամբ։ Ժողովրդական նիւթի առնչութեամբ հանդիպումի կէտերուն բացայայտումը մեր ունկնդիրին հետ, այդ նիւթի զանազան ձայներով եւ կշռոյթներով, ինչպէս նաեւ երեւակայութեան տրամաբանութեան ներյատուկ ազատութեամբ, առաջնորդեց մեզի վերաձեւաւորել ներկայացումին եւ հանդիսատեսին միջեւ եղած տարածութիւնը եւ ծնունդ տալ մարդկային ապրումներուն կշռոյթը ընդգրկելու ընդունակ թատերական ձեւ մը։»12 Շնորհիւ Վանիային, Ղազիր ալ-լէյլին մէջ կը պարփակուի հայկական սգերգ մը Հասան եւ Նա’իմայի մաուուալին հետ, իսկ խումբի հեքիաթասացութեան հատուածներուն մէջ քանիցս կը ներկայացուին հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւններ` նախ հայերէն լեզուով, ապա արաբերէն թարգմանութեամբ, մինչեւ որ խումբին մնացած մասը կը կարողանայ զայն հասկնալ բնագիր լեզուով` առանց թարգմանական օգնութեան։13 Բեմադրուած է 1993-ին եւ ունեցած է նախորդէն շատ աւելի երկարատեւ ու լայնատարած բեմադրական կեանք` Ցիւրիխ, Ռապաթ, Քազապլանքա, Պէյրութ, Ամման, Մինիա, Փարիզ, Կէօթենպուրկ, Ռոթթըրտամ, Լոնտոն եւ Ուաշինկթոն։14 Անոր կենսագրութիւնը այսպէս կը նկարագրէ Մարվին Քարլսոն. «[Թատրերգութիւնը] առաջին անգամ կը բեմադրուի Գահիրէի եւրոպական ոճով կառուցուած Հանակէր Թատրոնին մէջ։ Բրիտանական Հիւպատոսարանի պարտէզը կատարուած վերաբեմադրութեան համար, խումբին նկարիչ Թարէք Ապուլ Ֆութուհ, ներշնչուելով թատրերգութեան այն ձեւաւորումէն` որ յատուկ իրականացուած էր սրբազան տօնի (Մուլէտ) մը նուիրուած ֆոլքլորային փառատօնին համար, գաղափարը կը յղանայ խաղարկութիւնը կատարել նման փառատօներու համար աւանդաբար ստեղծուած ժամանակաւոր վրաններու տակ։ Այս շրջապատը այնքան պատշաճ էր ներկայացումին, որ Ալ-Ֆութուհի ձեւաւորած վրաններէն մէկը յաճախ օգտագործուեցաւ յետագայ գործերուն համար։ «Ղազիր ալ-լէյլը, միանալով Լայալի Ալ-Ուարշայի (նիւթերու ուղեկցող հաւաքածոյ մը, որուն նպատակն է ցուցադրել խումբին հետաքրքրութիւնը ժողովրդական ձեւերու նկատմամբ` պատմութիւններ, ուրուագիծեր, փայտէ կռիւներ, ստուերային եւ ձեռային պուպրիկներ եւ ժողովրդական երգեր) հետ, կը շրջագայի դէպի Լոնտոնի Միջազգային Թատրոնի Փառատօնը 1997 Յունիսին եւ
12
դէպի Ուաշինկթոնի Քեննետի Կեդրոնը 1998 Ապրիլին, նուաճելով նշանակալի միջազգային յաջողութիւն։ Միաժամանակ, ամբողջ Միջին Արեւելքի փորձառական թատերախումբերուն համար Ալ-Ուարշա կը ծառայէ իբրեւ առաջնորդ եւ տիպար։»15
Գ. ՂԱԶԼ ԱԼ-Ա’ՄԱՐ (1998) Իբրեւ թատերական բեմադրութիւն, Ղազիր ալ-լէյլին կը յաջորդէ Ղազլ ալա’մար (Ոլորուող կենսագրութիւններ)։ Վանիայի երրորդ թատերական մասնակցութիւնն է Ալ-Ուարշայի հետ, այնտեղ ստանձնելով Խատրայի դերը։ Բեմադրութիւն` Հասան Ալ-Կրեթլի։ Հիմնուած է եգիպտական միջնադարեան դիւցազներգութեան վրայ` ԱլՍիրա Ալ-Հէլալէյա (Հէլալէյայի դիւցազներգութիւնը)։ Այս ծրագիրին համար Ալ-Կրեթլի կը համագործակցի Ալ-Սիրա Ալ-Հէլալէյաի միլիոնաւոր տողերը բանաւոր աւանդութեամբ անգիր սորված վերջին ժողովրդական վարպետին` Սայէտ Ալ-Տաուիի հետ։ Երկար փորձարկումներէ եւ հանրային մասնակի ներկայացումներէ ու կատարումներէ ետք, բեմադրիչը կը գտնէ դիւցազներգութիւնը թատրերգութեան վերածելու պատշաճ ձեւ մը, որուն վերջնական արդիւնքը կ’ըլլայ Ղազիր ալ-ա’մար։ Ալ-Կրեթլի կը տեղեկացնէ` որ Ալ-Տաուի այնքան ընտելացած ու տիրապետած էր բանաւոր նիւթին, որ իւրաքանչիւր ներկայացում կը տանէր տարբեր ուղղութեամբ, հայթայթելով նշանակալի էմփրովիզասիոն տարրեր։16
Դ. ՌՈՒՍԱՍԱ ՖԻԼ-ՔԱԼՊ (2003) Թաուֆիք Ալ-Հաքիմի Ռուսասա ֆիլ-քալպ (Գնդակ մը սիրտին մէջ) թատրերգութիւնը։ Բեմադրիչ` Հասան Ալ-Կրեթլի Նկարիչ` ’Ամր Ալ-Ռախշի Զգեստներ` Նահէտ Նասրալլահ Դիմայարդար` Էլիզաբէթ Իֆերկան Դերակատարներ` Վանիա Էքսէրճեան (Ֆիֆի) Ահմատ Քամալ (Սամի) Պութրոս Ռա’ուֆ (Նակիպ) Ռամատան Խաթէր (դռնապան) (Աղեքսանրիա) Մետհաթ Ֆաուզի (դռնապան) (Գահիրէ) Առաջին ներկայացումը տեղի կ’ունենայ 2003 Յունուար 16 եւ 17-ին, Աղեքսանդրիոյ Ժեզուիթներու Մշակութային Կեդրոնի Կարաժ Թատերասրահին մէջ։ Գահիրէի առաջնեկը կ’իրականանայ մէկ շաբաթ ետք, Թալի’ա
13
14
Ղազլ ալ-ա’մար թատրերգութեան ներկայացումներէն մէկը վրանի տակ Ձախին` Վանիա Էքսէրճեան
15
Ռուսասա ֆիլ-քալպ թատրերգութեան բեմադրութիւններէն մէկը Աջին` Վանիա Էքսէրճեան
թատերասրահին մէջ։ Ասիկա նշանաւորեց Ալ-Ուարշա Թատերախումբին վերադարձը Ղազլ ալա’մարէն ետք։ Եուսէֆ Ռախա կը քննախօսէ Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի առաջնեկ ներկայացումները, ուր Վանիա Էքսէրճեանին, Ահմատ Քամալին եւ Պութրոս Ռա’ուֆին կ’անուանէ Ալ-Ուարշայի վեթերան դերասաններ։17 Ասիկա բաւական խօսուն վկայութիւն մըն է Վանիայի վայելած վարկին եւ համբաւին եգիպտական դերասանական աշխարհին մէջ։ Ռախա կը համառօտագրէ պատմութիւնը. «Պատմութիւնը կը ծաւալուի երեք դէմքերու շուրջ. բերկրալի Ֆիֆին (Վանիա Էքսէրճեան)` Ալ-Հաքիմի կոչած «նոր տիկինը» հասկացողութեան ազնուական նմոյշ մը, իր գործնապաշտ նշանածը` Սամի (Ահմատ Քամալ)` բժիշկ մը որ հետաքրքրուած է Ֆիֆիի թէ՛ հարստութեամբ եւ թէ անձով, եւ վերջինին ընկերը Նակիպ (Պութրոս Ռա’ուֆ)` անհոգ պետական պաշտօնեայ մը, որ կը ծախսէ իր վաստակածէն աւելի եւ անընդհատ կը զբաղուի կերուխումներով եւ սիրային գործարքներով։ Թատրերգական հանգոյցը տեղի կ’ունենայ, երբ պատահաբար զարնուելով Ֆիֆիին, Նակիպ կը սիրահարուի իր հետ, առանց տեղեակ ըլլալու որ ան իր ընկերոջ նշանածն է։ Խնդիրը կը հանգուցալուծուի երբ Ֆիֆի եւս կը սիրահարուի Նակիպին, իսկ Նակիպ վերջապէս կը մերժէ զայն, հաւատարիմ մնալու իր ընկերոջ։ Բացի այդ, ան միշտ պարտքի մէջ է, եւ, ինչպէս անընդհատ կը պատմէ Ֆիֆիին եւ ունկնդիրներուն, ան երբեք չի կրնար յարմարուող ամուսին մը ըլլալ։»18 Ռախա կը քննախօսէ դերասանական առանձնայատկութիւնները. «Դերասաններուն ելոյթները, նոյնքան զգաստ որքան գրաւիչ, նպատակ ունին պահպանել բնագիրի բարձրօրէն պայմանականացուած կատակերգական կոչումը եւ հրաժարիլ զայն մեկնաբանելէ իբրեւ զգացական հնչերանգներով յագեցած սիրային պատմութիւն։ Ոչ մէկ անտեղի արտասանուած նախադասութիւն, ոչ մէկ աւելորդ շարժուձեւ։ Կատակերգութիւնը, ըստ այսօրուայ առեւտրական թատրոններու հասկացողութեան, կը հանդիսանայ ծիծաղելիօրէն նողկալի գործարք մը` ուր խնդուք դրդելու պարտադրանքը կը փճացնէ ամէն բան։ Այս դասական չբեմադրուած գործի ներկայ տարբերակին մէջ, ընդհակառակը, խնդուքը` յառաջացած անճիգ եւ ըստ երեւոյթին պատահական կերպով, կը հնչէ հիանալիօրէն թարմացնող։»19 Ե. ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՀԵՏ Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Ալ-Ուարշայի գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր միայն թատերական բեմադրութիւններով։ Ան կը ծրագրէ աշխատարաններ, սեմինարներ, վերապատրաստութեան դասընթացքներ Եգիպտոսի տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ անընդհատ կը կազմակերպէ ասմուն-
16
քային, երաժշտական եւ մշակութային մեծ ու փոքր ձեռնարկներ, միշտ համահնչիւն մնալով իր գաղափարներուն եւ նպատակներուն հետ։ Վանիա երեք տարի մասնակցած է այս գործողութիւններուն հարաւային Եգիպտոսի Մինիա քաղաքին մէջ։ Խօսքը տանք Վանիային. «Մինիայի մէջ սկսանք աշխատիլ երեխաներու հետ։ Սկիզբը դժուար էր, քանի որ երեխաները վարժուած չէին։ Առաջին խումբին մաս կը կազմէին ես, գործընկերներս` Թարապ Ալ-Ֆութուհ, Մոհամմատ Շանտի եւ անշուշտ Հասան ԱլԿրեթլի, ինչպէս նաեւ Ֆայէզ Մինիայէն։ Միասին կը մտածէինք ու կ’որոշէինք մեր գործելակերպը։ Իսկ երեխաներուն հետ շփուելով կարելի կ’ըլլար յայտնաբերել բազմաթիւ նիւթեր եւ պատմութիւններ։ «Որոշ ժամանակ իրենց հետ աշխատելէ ետք, յաջողեցանք հասնիլ այն մակարդակին` որ իրենք անձամբ սկսան խօսիլ եւ իրենց ձայնը լսելի դարձնել մեզի։ Ապա սկսան հեքիաթներ եւ թատրերգութիւններ յօրինել։ Առաջին թատրերգութիւններն էին` Պապաթ զայ պապաթ եւ ստուերային պուպրիկներու ներկայացումներ։ Իւրաքանչիւր թատրերգութիւն կը տեւէր շուրջ կէս ժամ, որուն տեսարանները, գործող անձերը եւ երգերը երեխաներուն յօրինումներն էին։ Յետոյ տեղի ունեցան ելոյթներ թատերաբեմին վրայ, հանդիսատեսի առջեւ, որուն օգնեց Ալ-Ուարշայի մեր գործընկերը Թարէք Սա’յիտ։ Երեխաները կը զբաղուին նաեւ քարտոնագիծ [cartoon] ֆիլմերու արտադրութեամբ։ Այս բոլորին ընտրութիւնը կը կատարուի երեխաներուն հետ վիճաբանելով, առանց պարտադրանքի։ Սկիզբը, շատ բաներ նետեցինք, քանի որ պատրաստ «կարծրատիպ»-երու կը նմանէին։ Աստիճանաբար երեխաները սկսան երեւան հանել իրենց ներաշխարհը։ Սկսան անձամբ որոշել եւ գործադրել իրենց ցանկութիւնները, իրենց հետ ունենալով օգնականներ եւ խորհրդատուներ։»20 ***
Վանիայի սպանութենէն ետք, Ալ-Ուարշայի Գահիրէի կեդրոնատեղիի գլխաւոր սրահը կ’անուանուի Վանիա էքսէրճեան Սրահ։ Եգիպտահայերը արդեօք տեղեա՞կ են ասոր մասին։21
THE LAST WALK (1999)
Ալֆրէտ Ֆարակի Ալ-Մըշուար ալ-ախիր (Վերջին ճանապարհը) մէկ արարով թատրերգութիւնը` Տինա Ամինի անգլերէն թարգմանութեամբ։ Ունի մէկ դերակատարուհի, զոր մարմնաւորած է Վանիա Էքսէրճեան։ Նիւթի կեդրոնը սեռային ճնշուածութիւնն է։ 1999-ին ներկայացուած է Գահիրէի Ուեքալաթ Ալ-Ղուրի մշակութային
17
կեդրոնի, Ֆիլատելֆիայի (Writers House), Նիւ Եորքի, Փենսիլվանիայի մէջ եւ այլուր։
ԽԱՂԱՐԿԱՅԻՆ ՖԻԼՄԵՐ
Ա. ԼԷՀ ԵԱ ՊԱՆԱՖՍԷԿ (1993) Առաջին ցուցադրութիւն` 1 Նոյեմբեր 1993 Արտադրութիւն` Տանա Լըլ-Էնթակ ուալ Թաուզի’ Ալ-Ֆաննի Բեմադրիչ` Ռատուան Ալ-Քաշէֆ Սենարիսթներ` Սամի Ալ-Սիուի եւ Ռատուան Ալ-Քաշէֆ Դերակատարներ` Ֆարուք Ֆիշաուի (Ահմատ) Լուսի (Նատիա) Նակահ Ալ-Մուկի (’Ապպաս) Հասան Հոսնի (’Իտ) Աշրաֆ ’Ապտէլ Պաքի (Սայէտ) Սայէտ ’Ապտէլ Քարիմ (Մաս’ուտ) Շաուքի Շամէխ (’Ալի Պոպի) Պուսայնա Ռաշուան (Սո’ատ) Հոսնի Ապտէլ Կալիլ (Ֆաուազ) Քամալ Սուլայման (Մանսուր) Մեթուալլի ’Էլուան (Հոսնի) Թամիմ ’Ապտու (Շէյխ Ալ-Զանքուրի) Մոհամմատ Ապու Հաշիշ (Րակապ) Լայլա Ֆարէս (Ֆարտուս) Ահմատ Հեկազի (գործաւորներու վերահսկիչ) Մոհամմատ Ահմատ (Ֆարակ) Ահմատ Պոր’ի (Իսմա’իլ Ֆարաշա) Մոհամմատ Մահմուտ (Սամիր) Սալի Ալ-Տերս (Մարիամ) Վանիա Էքսէրճեան (տոքթոր Մոնա) Մութաուէ’ ’Էուէյս (’Աուատ) Լուիս Եուսէֆ (Մանոլի) Հուսէյն ’Ար’ար (անճարակ մարդ) Տիա’ Ալ-Տին Մոհամմատ (Տիա’) Պասպուսա (անճարակ կին) Մոհամմատ Նատի (նաւու սեփականատէր) Հոտա ’Ալի (’Իտի նախկին կինը) Ամանի Իպրահիմ (երգչուհի)
18
Նապաուէյա Շա’պան (Օմմ Նուր) Մահմուտ Ալ-’Արապի (Քամալ) Դէպքերը կ’անցնին Կամալ ’Ապտէլ Նասէրի շրջանին, աղքատ թաղամասի մը մէջ, եւ կը ներկայացնեն չորս ընկերներու պատմութիւնը։ Առաջինը` Ահմատ, կը սիրէ Մարիամին որուն պատահաբար հանդիպած է մէկ անգամ։ Ահմատ կ’անգիտանայ անոր ինքնութիւնը։ Աղջկան պատկերը չի կրնար հեռացնել իր յիշողութենէն։ Սո’ատ սիրահարուած է Ահմատին բայց վերջինս միշտ կը յիշէ անծանօթ աղջկան, ինչպէս նաեւ միշտ ցանկութիւն ունի հեռանալ թաղամասէն։ Ահմատին կը սիրէ նաեւ Նատիա բայց չի կրնար գրաւել իր սիրտը։ Ահմատ կը վերանորոգէ կառք մը եւ կը սկսի փողոցը ժողովրդական ուտելիք ծախել։ Ունի նաեւ երաժշտական խումբ մը` որ կը մասնակցի ժողովրդական հարսանիքներու։ Խումբին մէջ կը նուագէ թապլա։ Երկրորդը` Սայէտ, կ’աշխատի գործանոցի (laboratory) մը մէջ, ուրկէ կը գողնայ փորձարկումի համար բերուած անասունները։ Գործանոցի պատասխանատու անասնաբոյժ Մոնա կը յայտնաբերէ գողութիւնը եւ զայն կը վտարէ աշխատանքէն։ Սայէտ կը սիրէ Սո’ատին։ Երրորդը` ’Ապպաս, պատրաստ է ամէն տեսակ գործ ընելու` օրապահիկը ապահովելու համար։ Նատիա կ’ամուսնանայ ’Ապպասի հետ որպէսզի մօտ գտնուի Ահմատին։ Չորրորդը` ’Ալի Պոպի, հեռացած է թաղամասէն եւ գողութեան շնորհիւ հարստացած։ Ան կը փորձէ հեռու մնալ ոստիկանութենէն։ ’Ապպասի եւ Նատիայի հարսանիքին օրը կը վերադառնայ թաղամաս։ Ոստիկանական հետապնդումէ ազատելու եւ դրամները սպիտակեցնելու համար կ’առաջարկէ Ահմատին օգնութիւնը։ Նատիայի եւ Սո’ատի պատճառով խռովութիւններ կը յառաջանան Ահմատի, Սայէտի եւ ’Ապպասի միջեւ եւ մանկութեան ընկերները կը բաժնուին իրարմէ։ ’Ապպաս եւ Նատիա կը հեռանան թաղամասէն։ Ահմատ կ’երթայ ’Ալի Պոպիի բնակարանը եւ կ’ընդունի աշխատիլ իր հետ։ Սայէտ կը մնայ մինակ։ Սո’ատ կը հեռանայ անծանօթ ուղղութեամբ։ Սայէտ կը գտնէ ’Ապպասին գինետան մը գետինը լուալու ժամանակ։ ’Ապպաս կը տեղեկացնէ որ ինք եւ Նատիա ամուսնալուծուած են։ ’Ապպաս կը վերադառնայ թաղամաը` Սայէտի մօտ։ Յանկարծ Ահմատ կու գայ թաղամասը` գնդակահարութենէ վիրաւորուած ’Ալի Պոպին գրկած, որ շուտով կը մահանայ։ Երեք ընկերները կը վերամիանան։ Բացի քանի մը տեսարանէ, բոլոր դէպքերը կ’անցնին աղքատ թաղամասին մէջ։ Այդ քանի մը տեսարաններէն մէկն է գործանոցի տեսարանը` ուր անասնաբոյժ Մոնա (Վանիա) եւ Սայէտ կ’ունենան վիճաբանութիւն մը, որուն հետեւանքով Մոնա Սայէտին կը վտարէ աշխատանքէն։
19
20
Լէհ եա պանաֆսէկ Ձախին` Աշրաֆ ’Ապտէլ Պաքի, աջին` Վանիա Էքսէրճեան
21
Լէհ եա պանաֆսէկ Ձախին` Աշրաֆ ’Ապտէլ Պաքի, աջին` Վանիա Էքսէրճեան
Ֆիլմը կ’առնչուի ժողովրդական թաղամասերու տիպարներու հետ, իրենց կենցաղով, խօսքերով, երգերով եւ յարաբերութիւններով։ Մոնա խզում մըն է այս ժողովրդականութենէն, դէպի ուրիշ աշխարհ մը` որ կը ճանչնայ միայն իր շահերը։ Բ. ՄԵՐՍԵՏԷՍ (1993) Առաջին ցուցադրութիւն` 15 Նոյեմբեր 1993 Արտադրութիւն` Աֆլամ Մասր Ալ-’Ալամէյյա (Եուսէֆ Շահին եւ Ընկ.) Բեմադրիչ` Եոսրի Նասրալլահ Սենարիսթ` Եոսրի Նասրալլահ Դերակատարներ` Եուսրա (Ուարտա / ’Աֆիֆա) Զաքի Ֆաթին ’Ապտէլ Ուահապ (Ալ-Նուպի) Սէյֆ ’Ապտէլ Ռահման (Մոհամմատ Թահէր) Մակտի Քամէլ (Կամալ) Պասէմ Սամրա (Աշրաֆ) ’Ապլա Քամէլ (գուշակուհի) Թահէյյա Քարիոքա (Ուարտայի մայրը) Վանիա Էքսէրճեան (Սոնիա) Մենհա Պաթրաուի Ահմատ Սամի Ապտալլահ Մոնա Զաքարէյյա Թալ’աթ Զէյն Թամիմ ’Ապտու Ահմատ Քամալ Ֆայզա Հասան Եուսրի ’Աշմաուի Ամալ Ալ-Զոհէյրի ’Ազիզա Մուֆթահ Եասմին Աղա Խան ’Ազիզ Սելիմ Մոհամմէտ Ռամահ Տիա’ Ալ-Տին Մահա Քոշէյք Ահմատ Մուխթար Սալուա Մոհամմէտ ’Ալի Պութրոս Ղալի ’Ազզա Շա’ապան
22
Մենհա Զայթուն Փիէռ Սիուֆի Մոհամմատ Հաշէմ Զէյատ Ալ-Մենեպաուի Թամէր Աշրաֆ Մայա Ալ-Քալիուպի Ալ-Նուպի չորս տարի անցուցած է հոգեբուժարանի մէջ։ Ան երբեք խենթ չէ եղած։ Ունենալով մարքսիսթ-ընկերվարական համոզումներ, Ապտէլ Նասէրի մահէն ետք կ’որոշէ հօրը հարստութիւնը նուիրել ընկերվարական նպատակներու։ Կառավարութիւնը զայն խենթ կեղծելով կը նետէ հոգեբուժարան եւ փականքի տակ կը դնէ իր հարստութիւնը։ Այժմ անոր ազատած են հոգեբուժարանէն եւ կ’ապրի իր մօր` Ուարտայի հետ։ Ան կը սկսի յայտնաբերել ընտանեկան ապշեցուցիչ իրողութիւններ։ Կը յայտնաբերէ, որ իր օրինական հայրը` որուն անունը կը կրէ, բուն հայրը չէ։ Բուն հայրը սեւամորթ մըն է, որուն հետ Ուարտա մշակած էր ապօրինի յարաբերութիւն։ Խայտառակութենէ խուսափելու համար, Ուարտայի մայրը աղջկան կ’ամուսնացնէ մեծահարուստ ծերունի Մանսուրին հետ։ Մանսուր շուտով կը մահանայ, թողելով նշանակալի հարստութիւն։ Ալ-Նուպի կը յայտնաբերէ նաեւ, որ ունի ընտանիքէն հեռացած նկարիչ խորթ եղբայր մը` Կամալ։ Ալ-Նուպիի ծնունդէն տասը տարի ետք, Ուարտա կը մեկնի Փարիզ որպէսզի Մանսուրի եղբօրմէ` Եուսէֆէն ստանայ ժառանգական իրաւունքները։ Այնտեղ կը յղիանայ Եուսէֆէն, կը ծննդաբերէ Կամալին, եւ զայն յանձնելով Եուսէֆի եւ կնոջ` սպանուհի Մերսետէսի խնամատարութեան, կը վերադառնայ Գահիրէ։ Սատաթի Էնֆիթահէն ետք, Եուսէֆ իր զաւակին հետ կը վերադառնայ Գահիրէ, ուր անհամաձայնութեան հետեւանքով Կամալին վերջնականապէս կը վտարէ իր տունէն եւ կ’ամուսնանայ թմրադեղերու եւ մարդկային գործարաններու առեւտուրով զբաղուող Ռա’իֆայի հետ։ Ալ-Նուպի իր մօր հետ ներկայ կը գտնուի եկեղեցիի ամուսնական արարողութեան եւ ապա կազմակերպուած ճոխ խրախճանքին։ Նոյն երեկոյ Եուսէֆ կը մահանայ առողջական խնդիրներով։ Մահուան անկողինին մէջ Ալ-Նուպիին կը պատմէ Կամալի մասին` զղջալով իր արարքին համար։ Ան կը խնդրէ փնտռել եղբօր եւ ըստ կտակին իրեն յանձնել հարստութիւնը։ Ալ-Նուպի կը գտնէ Կամալին, որ կ’ապրի աղքատ, թմրադեղեր օգտագործող ընկերներու հետ եւ կ’ենթարկուի ծեծի ու գողութեան։ Ուարտա կը ճամբորդէ Զուիցերիա։ Ծեծի պատճառով Ալ-Նուպի չի յաջողիր տուն վերադառնալ մօրը օդակայան տանելու համար եւ կը փորձէ իր ինքնաշարժով հասնիլ օդակայան։ Փողոցը խճողուած է։ Յանկարծ պատշգամնի մը վրայ կը տեսնէ գեղեցիկ աղջիկ մը` ’Աֆիֆա, զոր կը շփոթէ իր մօր հետ, քանզի
23
24
Մերսետէս Վանիա Էքսէրճեանի երկրորդ (հիմնական) երեւումը Աջին` Զաքի Ֆաթին ’Ապտէլ Ուահապ
25
Մերսետէս Վանիա Էքսէրճեանի երրորդ երեւումը
երկուքին միջեւ կը գտնուէր կատարեալ նմանութիւն։ Բայց շուտով կը յայտնաբերէ` որ ան ժողովրդական հարսանիքներու եւ գիշերատուներու պարուհի մըն է։ ’Աֆիֆա կ’որոշէ ինքզինք նուիրել Ալ-Նուպիին` որուն մէջ կը գտնէ կատարեալ տղամարդը եւ իր երազանքներու ասպետը։ Բայց Ալ-Նուպի կը մերժէ` իր մէջ տեսնելով մօրը։ Ալ-Նուպի դարձեալ կը հանդիպի եղբօր` փողոցը կատարուող տօնախմբութեան ժամանակ։ Կամալ` որ իրազեկ էր հօրը մահուան մասին, կը մերժէ ստանալ ժառանգը։ Արժանապատուութեան հարց է։ Այդ ժամանակ, Ռա’իֆայի Մերսետէս ինքնաշարժի վարորդը կը փորձէ սպաննել Կամալին, փոխարէնը սխալմամբ սպաննելով ընկերոջ Աշրաֆին։ Մինչ այդ, գաղտնի գործակալութեան աշխատակից Մոհամմատ Թահէր կը դրդէ Ալ-Նուպիին սպաննել Ռա’իֆան։ Կարգադրութեան համար զայն կը հրաւիրէ բարձր դասի խրախճանքի մը, ուր Ալ-Նուպի կ’երթայ ’Աֆիֆայի ընկերակցութեամբ, որ կը ներկայանայ իբրեւ իր մայրը։ Ներկայ էին նոյն մարդիկ` ինչ հարսանեկան խրախճանքին։ Վերջաւորութեան Թահէր իրեն կու տայ Ռա’իֆայի բնակարանի բանալին։ Երբ Ալ-Նուպի կը հասնի գործողութեան վայրը, բոլորին կը գտնէ սպաննուած։ Ուրիշներ եւս վրէժխնդրութիւն ունէին Ռա’իֆայի դէմ։ Ուարտա կը վերադառնայ ճամբորդութենէն եւ կը տեղեկացնէ` թէ պիտի ամուսնանայ հարուստի մը հետ եւ ապրի արտասահման։ Ֆիլմը կ’ունենայ «հափփի էնտինկ»։ Ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ իսլամիսթ ծայրայեղականները քաղաքին կեդրոնը, ուր պատահաբար կը գտնուին Ալ-Նուպի, ’Աֆիֆա եւ իր կտաւները վաճառելու համար ժամանած Կամալ։ Մերսետէս ինքնաշարժ մը` զոր կը վարէ ’Աֆիֆայի հարստացած ընկերուհիներէն մէկը, ճիշդ ժամանակին կը յայտնուի ու երեքին կը հեռացնէ այդ վտանգաւոր վայրէն։ Ալ-Նուպի եւ ’Աֆիֆա կը միանան իրարու, իսկ Կամալ կ’որոշէ ապրիլ իրենց հետ։ Բոլորը միասին կը բնակին ժողովրդական-գիւղական միջավայրի մը մէջ, այն հասարակութեան հետ` որուն համար Ալ-Նուպի փորձած էր իր ունեցուածքը նուիրել եւ արգելափակուած հոգեբուժարանի մէջ։ Ֆիլմը կը բովանդակէ զանազան իմաստային շերտեր։ Ղպտիները առկայ են այնտեղ` Ալ-Նուպի, Ուարտա եւ անոնց ընտանիքը ղպտի են, հետեւաբար կ’արծարծուի ղպտիական մարքսիզմի գաղափարը Ալ-Նուպիի համոզումներուն ընդմէջէն։ Միւս կողմէ կան իսլամիսթները` որոնցմէ մէկը հանրային հանրաշարժի մը մէջ դէմ յանդիման կը կանգնի Ալ-Նուպիին` եւ առանց գիտնալու իր ղպտի պատկանելիութիւնը կ’առաջարկէ փոխել իր մազերուն դեղնագոյն բնածին գոյնը։ Ֆիլմի աւարտին իսլամիսթները վճռականօրէն կը հետապնդուին ոստիկանութեան կողմէ։ Ուրիշ շերտ մը դասակարգային հսկայ բաժանումն է` որ Եգիպտոսի մէջ մեծ թափ ստացաւ Սատաթի չծրագրուած Ինֆիթահի տարիներէն ի վեր (1970-
26
ականներու երկրորդ կէս), դասակարգ մը` որ վերացած էր Նասէրի 1952-ի ընկերվարական յեղափոխութենէն ի վեր։ Ուարտա միշտ ձգտած է նոյնանալ բարձր դասին հետ։ Ընդհակառակը, Ալ-Նուպի միշտ անհանգիստ զգացած է անոնց հետ եւ ձգտած է դէպի ցած խաւերը, որուն արդիւնքն էր ’Աֆիֆայի հանդէպ ունեցած համակրանքը։ Սոնիա (Վանիա Էքսէրճեան) կը ներկայացնէ նոր հարստացած դասակարգը, որ բարձր խրախճանքներուն հանդէս կու գայ նախարարներու եւ բարձր մակարդակով աւազակային գործարարներու կողքին` առանց ըլլալու անոնցմէ մէկը, բայց անփոյթ իր շրջակայ աւազակութիւններէն։ Սոնիա կը յայտնուի երեք անգամ։ Առաջին երեւումը կը տեւէ քանի մը երկվայրկեան` երբ կ’ուղեւորուի դէպի եկեղեցիին մուտքը, ներկայ գտնուելու Եուսէֆի եւ Ռա’իֆայի ամուսնական արարողութեան։ Երկրորդը կը կազմէ իր հիմնական ելոյթը եւ տեղի կ’ունենայ Եուսէֆի եւ Ռա’իֆայի խրախճանքի ընթացքին։ Բոլոր ներկաները, ներառեալ Սոնիա, բարձր դասակարգի անձնաւորութիւններ են։ Ներկայ է նաեւ նախարար մը։ Ասիկա ԱլՆուպիի առաջին հանրային հաւաքոյթն է հոգեբուժարանը թողելէ ետք։ Մէկ կողմէ, ան ինքզինք ազատ չի զգար բարձր դասակարգի կեղծաւոր հասարակութեան մէջ, միւս կողմէ, ան իր սեռական պահանջքներուն յագուրդ տալու համար գինովցած վիճակի մէջ յարաբերութիւններ կը փորձէ մշակել այնտեղի աղջիկներուն հետ, որոնց հետ ծանօթ է։ Անոնցմէ մէկն է Սոնիա` որ հագուած է փայլուն կարմիր հագուստ մը, դրած թանկագին քարերով մանեակ մը եւ բռնած Ուիսքիի գաւաթ մը։ Ալ-Նուպի բոլորի տեսողութեան առջեւ կը մօտենայ իրեն, քանի մը բառ կը փոխանակէ եւ կ’առաջարկէ ամուսնանալ։ Սոնիա զայն կ’արհամարհէ` ըսելով որ ան անպէտք անձ մըն է, հակիրճ կը վիճաբանի հետը ու կը հեռանայ։ Սոնիայի երրորդ երեւումը վերջին խրախճանքի ընթացքին է, ուր կը յայտնուի քանի մը երկվայրկեան, դարձեալ ազնուական տեսքով։ Ֆիլմին կեդրոնական դէմքը Եուսրան է, օժտուած դերասանական բացառիկ կարողութիւններով եւ բազմաթիւ արտայայտչական նրբութիւններով։ Ֆիլմին արժէքը մեծ մասամբ կապուած է այս յայտնի դերասանուհիին անձնական կարողութիւններուն եւ դերասանական լուծումներուն վրայ։ Իր դիմացը ունի Զաքի Ֆաթին ’Ապտէլ Ուահապ` բաւական տկար դերասան մը, անյաջող առոգանութեամբ։ Ֆիլմը ունի նաեւ խիստ տհաճ ու վանող երաժշտութիւն մը` Մոհամմէտ Նուհի հեղինակութեամբ։ Այս «լաւ»-ին եւ «վատ»-ին միջեւ կը գտնուին բազմաթիւ երկրորդական դերասաններ` բաւական զգուշութեամբ ընտրուած եւ մեծ մասամբ տպաւորիչ իրենց դերերուն մէջ։ Վանիայի ելոյթը իր գլխաւոր տեսարանին մէջ պարզապէս փայլուն է։ Զգացածը եւ անոր դէմքային մերկացումը կը գտնուին ներդաշնակութեան մէջ։ Դերասանական փորձը ակնյայտ է իր ելոյթին մէջ։
27
VIDEO 2000
Կալիլա Նաուուարի հետ հիմնած է Video 2000 արտադրութեան ընկերութիւնը, որ արտադրած է Տիզնիի քարտոնագիծ [cartoon] ֆիլմերու արաբերէն թարգմանութիւն-կրկնապատկումները (dub), հեռատեսիլի ծանուցումներ եւ յայտագիրներ, վաւերագրական ֆիլմեր, ինչպէս նաեւ խաղարկային ֆիլմեր, օրինակ` Տաուուտ ’Ապտէլ Սալամի Ալ Պահս ’ան Սայէտ Մարզուք (Որոնում Սայէտ Մարզուքի)։ Տիզնիի թարգմանութիւններուն մէջ Վանիա նաեւ փոքր դերերով իր մասնակցութիւնը բերած է, ինչպէս` Քամարայի դերը Տէպտէպ ֆիլ-պէյթ ալ-ազրաք ալ-քապիր (Bear in the Big Blue House) ֆիլմաշարէն, Քարմելայի դերը Հուրէյաթ ալ-պահր (The Little Mermaid) ֆիլմէն, եւ Նոսէյրայի դերը Սինտրելլա 2 (Cindrella II) ֆիլմէն։ Սպանութենէն ետք, արաբերէն Տիզնի չմոռցաւ Վանիային։ Ալ-թա’լապ ուալ քալպ (The Fox and the Hound) ֆիլմին արաբերէն տարբերակը կը վերջանայ Վանիային նուիրուած նախադասութեամբ. «Այս պատճառով դաւաճանութեամբ սպաննուեցար խելագարի մը կողմէ» (Լըզալէք քոթելթա ղատրան մըն ռակոլ մուխթալլ ’աքլէյան)։
ՄԻ ԿԱԹԻԼ ՄԵՂՐԸ ԱՐԱԲԵՐԷՆ
Վանիա եգիպտական արաբերէնի վերածած է Յովհաննէս Թումանեանի Մի կաթիլ մեղրը քերթուածը` Նոքթաթ ալ-’ասալ։ Աւելի ստոյգ, անիկա հայերէն քերթուածին յարմարեցումն է եգիպտական միջավայրին եւ երբեք չի ներկայացներ անոր բառացի թարգմանութիւնը։ Թարգմանական բնագաւառը Վանիայի համար չի ներկայացներ իր գործունէութենէն անջատ բնագաւառ մը։ Բացի Ռուսասա ֆիլ-քալպէն` ուր Թաուֆիք Հաքիմի բնագիրը պահպանուած էր մինչեւ վերջ, Ալ-Ուարշայի միւս թատրերգութիւնները երբեք չեն ունեցած «վերջնական» բնագիրներ, այլ անոնք անընդհատ վերամշակուած ու վերափոխուած են կատարումներուն ընդմէջէն, հիմնուելով կենդանի փորձառութեան վրայ։ Այս վերամշակումներուն մասնակցած են բոլորը` հեղինակը, բեմադրիչը, նկարիչը, դերասանները։ Նոյնիսկ Ռուսասա ֆիլ-քալպի պարագային, բեմադրական առումով լուծումները երբեք չեն եղած կայուն ու վճռական։ Չմոռնանք, որ Վանիա իր գործընկերներուն հետ կը ստեղծէր նաեւ Զասսիի պուպրիկներու թատրոնին ամբողջ բաղադրիչները։ Այս ստեղծագործական շարժումին մէջ կը մտնէ Կաթիլ մը մեղրին ազատ թարգմանութիւնը։ Արաբերէն տարբերակին մէջ Վանիա մեծապէս գործածած է եգիպտական ժողովրդական լեզուի դարձուածքներ եւ եգիպտական միջավայրէն ընդունած
28
29
Ալ-թա’լապ ուալ քալպ ֆիլմին պաշտօնական ազդարարութիւնը` նուիրուած Վանիա Էքսէրճեանի յիշատակին
պատկերներ։ Արաբերէն տարբերակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ գրքոյկիս վերջաւորութեան։
ՎԵՐ(Ջ)ԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Վանիա Էքսէրճեանի 44-ամեայ կենսագրութիւնը առաջ կը մղէ որոշ խնդիրներ, յատկապէս գաղութահայ պատկանելիութեան առումով։ Վանիա իր գործունէութիւնը սկսած է եգիպտահայ գաղութի պաշտօնական կառոյցներուն եւ միութիւններուն ընդմէջէն։ Մամուլին մէջ ստացած է գնահատականներ, աւելի ճիշդ` կարծրատիպային ածականներու մեքենայական շռայլումներ, առանց քննական կամ մեկնաբանական փորձի։ Անգամ մը արտասանած է «արուեստագիտական թափանցումով, անձնական հասկացողութեամբ»,22 ուրիշ անգամ մը` «դիւթիչ մեկնաբանութեամբ ... արժանանալով երկարատեւ ծափահարութիւններու»,23 երրորդ անգամ մը` «ապրումով եւ հասկացողութեամբ...։ Իր ձայնին եւ շեշտին մէջ հարազատութիւն կայ եւ ինքնատպութիւն։»24 Ասոնք այն բառերն ու ածականներն են զորս սփիւռքահայ մամուլը գործածած է, կը գործածէ ու պիտի գործածէ ամէն տեղ, ամէն ժամանակ, ամէնուն համար` «բացառութիւնները յարգելով», ինչպէս ընդունուած է ըսել։ Արուեստագէտի մը կամ մտաւորականի մը գիտելիքային արտադրութեան նոյնացումը անփոփոխ բառ-ածականներու հետ, երբ կարծէք գիտելիքի ամբողջ արտադրաձեւը ուղղուած է նման բառերու տիրանալու համար, բացառիկ օտարացում եւ ճեղքուած կը յառաջացնէ գիտելիքի եւ գիտելիքային գործադրութեան միջեւ։ Գիտելիքը փոխանակ տարածուելու, շրջագայելու եւ հանրայնանալու, կը խամրի խուսափոխական բառերու իշխանութեան տակ։ Շատ մը մտաւորականներ կ’ախորժին իրենց գիտելիքը մեռած տեսնել անորոշ բառերու սեւեռուն ամրագրութեամբ։ Անոնց համար էականը ոչ թէ գիտելիքն է, այլ գիտելիքի պատկերն ու ներկայացուցչականութիւնը։ Քանզի սեւեռումը, ամրագրութիւնը, գիտելիքի անշարժացումն ու ոչ-հասարակայնացումը գլխաւոր քայլերն են դէպի իշխանակութիւնը։ Բայց կան նաեւ մտաւորականներ ու արուեստագէտներ` որոնք կը մերժեն մաս կազմել այս խաղին։ Անոնց համար գիտելիքը կը գտնուի հասարակութեան մէջ, կը կերտուի մարդկային շփումով եւ կը զարգանայ ու կը յարափոխուի մարդկային փորձառութեամբ։ Հարիւր տարի շարունակուող «արուեստագիտական թափանցում»-ը, «դիւթիչ մեկնաբանութիւն»-ը, «երկարատեւ ծափահարութիւններ»-ը, «ապրում»-ն ու «հասկացողութիւն»-ը կը սպաննեն այս բոլորը։ Ինչպէս Եուսէֆ Ռախայի վերոյիշեալ յօդուածը յստակօրէն կը ներկայացնէ, հայկական մակապարտէզի իշխանական-հեղինակաւոր կարգապահութենէն է որ փախուստ տուած է Վանիա։ 1980-ականներու վերջաւորութեան հեռանալով գաղութէն, ան հայկական
30
ինքնութիւնը կը սկսի փնտռել տարբեր շերտերու եւ մանաւանդ այլազան առնչութիւններու մէջ։ Ինչպէս տեսանք, Հասան ուա Նա’իմայէն ներշնչուած Ղազիր ալ-լէյլին մէջ Վանիա կը ներդնէ հայկական սգերգ մը եւ հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմութիւններ։ Աւելորդ չէ յիշեցնել, որ Հասան ուա Նա’իմա կը ներկայացնէ արաբական աշխարհի ամենակարեւոր հեքիաթներէն մէկը։ Անիկա կը ներկայացնէ արաբներու ինքնութեան խոր շերտերէն մէկը։ Կարելի՞ է մտածել, օրինակ, Մի կաթիլ մեղրի հայերէն բեմականացումի մը մէջ մտցնել պաղեստինցի ժողովուրդի 1948-էն ի վեր կրած ողբերգութիւններէն դրուագներ։ Վանիայի հայ-եգիպտական ինքնութեան ամենահետաքրքրական դրսեւորումներէն մէկը Յովհաննէս Թումանեանի Մի կաթիլ մեղրի թարգմանութիւնն է եգիպտական արաբերէնի եւ անոր պատշաճեցումը եգիպտական ժողովրդական մտածողութեան, միաժամանակ թարգմանութեան մէջ չմոռնալով շեշտել անոր հակական հիմքը։ Օրինակ, գործածելէ ետք եգիպտական ժողովրդական արտայայտութիւններ եւ եգիպտական միջավայրէն վերցուած իրերու անուններ, քերթուածի վերջաւորութեան, երբ աւարտած է կռիւը եւ ամէն բան աւերուած, Վանիա կ’աւելցնէ` թէ երկու կողմերը հաշտութեան համար միասին «հայկական հաւաք» (քա’տէթ արման) կազմակերպեցին։ Ըսել կ’ուզէ, որ ինքնութիւնները կը գտնուին անընդհատ փոխներթափանցումի մէջ։ Վերջապէս, ի տարբերութիւն եգիպտական դերասանական աշխարհէն ներս մտած հայ միւս հայ դերասաններուն (Լէպլէպա, Նելլի, Միմի Կամալ, Անժէլ Արամ, Անուշքա, Սաֆինազ-Ծովինար), ան միշտ պահպանած է հայերուն սիրելի «եան»-ը` Էքսէրճեան։ Այլեւ, քննարկումի ենթարկած է հայկական ինքնութեան հարցը իբրեւ բարդ բաղադրութիւն մը։ Այս քննարկումը կարելի է կարդալ Եուսէֆ Ռախայի յօդուածին մէջ (տե՛ս գրքոյկիս յաջորդ յօդուածը)։ Վանիա, ձերբազատուելով թափանցում-դիւթիչ-ծափահարութիւն-ապրումհասկացողութիւն կարծրատիպէն, բացած է ինքնութեան հնարաւորութիւններու բաց տեսադաշտ մը։ Իր ինքնութիւնը բաց է, այնպէս ինչպէս բաց է իր ամբողջ կենսագրութիւնը, կենսագրութիւն մը` որ չի սիրեր կանգ առնել մէկ կէտի վրայ այլ կը գտնուի յաւերժ շարժումի մէջ, որ կը մերժէ սահմանազատել բնագաւառները այլ զանոնք կ’ընդունի անվերջ փոխգործակցութեան ծիրին մէջ։
31
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Youssef Rakha: ‘Vanya Exerjian: An Identity Element’, Al-Ahram Weekly, Issue No. 545, 2-8 August 2001։ 2. Hassan El-Geretly: ‘From Reaching It to Reaching Out: El-Warsha 1987-1999’, Ecological Education in Everyday Life: ALPHA 2000, Edited by Jean-Paul Hautecoeur, Toronto, Buffalo and London: University of Toronto Press, 2002, p. 71։ 3. Samia Mehrez: Egypt’s Culture Wars: Politics and Practice, London and New York: Routledge, 2008, p. 214։ 4. Andrew Hammond: Pop Culture Arab World!: Media, Arts, and Lifestyle, Santa Barbara, Denver, Oxford: ABC-CLIO, 2005, p. 178։ 5. Tori Haring-Smith: ‘El-Warsha: Theatrical Experimentation and Cultural Preservation’, Colors of Enchantment: Theater, Dance, Music, and the Visual Arts of the Middle East, Edited by Sherifa Zuhur, Cairo and New York: The American University in Cairo Press, 2001, p. 82։ 6. Անդ, էջ 83։ 7. Viola Shafik: Arab Cinema: History and Cultural Identity, Cairo and New York: The American University in Cairo Press, 2003c (1998), pp. 80-81։ 8. Tori Haring-Smith, նշ. յօդ.ը, էջ 78։ 9. Անդ, էջ 78։ 10. Անդ, էջ 78։ 11. Մոհամմատ Ալ-Շէրպինի, Մասրահ պիլա աստա’. մութապա’աթ մու’ասերա [Թատրոն առանց արձագանգներու. ժամանակակից հետապնդումներ], Գահիրէ, ԱլՀայ’ա Ալ-’Ամմա Լը-Քըսուր Ալ-Սըքաֆա, 2010, էջ 94 (արաբերէն)։ 12. Hassan El-Geretly, նշ. յօդ.ը, էջ 73։ 13. Youssef Rakha, նշ. յօդ.ը։ 14. Hassan El-Geretly, նշ. յօդ.ը, էջ 74։ 15. Marvin Carlson: ‘Avant-Garde Drama in the Middle East’, Not the Other Avant-Garde: The Transnational Foundations of Avant-Garde Performance, Edited by James M. Harding and John Rouse, Ann Arbor: The University of Michigan Press, 2006, p. 141։ 16. Անդ, էջ 142։ 17. Youssef Rakha: ‘Signpost to Nowhere’, Al-Ahram Weekly, 6 - 12 February 2003 Issue No. 624։ 18. Անդ։ 19. Անդ։ 20. Ալ-Հայաթ, օրաթերթ, Լոնտոն, թիւ 14872, 13 Դեկտեմբեր 2003 (արաբերէն)։ 21. Եգիպտահայերը տեղեա՞կ են նաեւ, որ այսօր կը գործէ ուրիշ կարեւոր սրահ մը որ կը կոչուի Նասիպեան Սրահ (15, Ալ-Մահրանի փողոց, Ալ-Ֆակկալա, Գահիրէ, ղպտիական հիւանդանոցին ետեւը)։ Անիկա նախապէս եղած է հռչակաւոր Հրանդ Նասիպեանի սինեմայի սթիւտիոն։ Այժմ այդ տարածութիւնը կը պատկանի Գահիրէի Ժեզուիթներուն, ուր հիմնած են մշակութային կեդրոն մը (Կամա’էյաթ Ալ-Նահտա Ալ’Էլմէյա ուալ Սեքաֆէյա)։ 22. Յակոբ Համբիկեան, «Հայկ Սարգիսեանի համերգը», Արեւ, 23 Դեկտեմբեր 1983, 68-րդ
32
տարի, թիւ 19617, էջ 1։ 23. Աւետիս Եափուճեան, «Հ.Բ.Ը.Մ.ի 80-ամեակն ու Կռունկ երգչախումբի համերգը», Արեւ, 15 Դեկտեմբեր 1986, 71-րդ տարի, թիւ 20486, էջ 1։ 24. Յակոբ Համբիկեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի 80-ամեակի հանդիսութիւն եւ տարեկան համերգ», Ջահակիր, 25 Դեկտեմբեր 1986, նոր շրջան, թիւ 1075, էջ 3։
33
ՎԱՆԻԱ ԷՔՍԷՐՃԵԱՆ` ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՏԱՐՐԸ
Հայ ըլլալ կը նշանակէ եգիպտացի ըլլալ, կը նշանակէ ըլլալ դուն ինքդ
ԵՈՒՍԷՖ ՌԱԽԱ Անգլերէնէ թարգմանեց` Հ. Ա.
Վանիա Էքսէրճեան` դերասանուհի, արտադրիչ, մանուկներու հոգեբան։ Բնակարանը` Հելիոպոլիս, Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի թատրոնը, Անատոլիայի Էրզրում քաղաքը։ Իրեն բնորոշ յատկանիշները` հակում գեղարւեստական խառնուածքի, թատերական ձայն, տպաւորիչ ներկայութիւն։ Անցեալ տասնամեակին [իմա` 1990-1999-ին, Հ.Ա.], երեք միջոցներ տեղեկատուութիւն փոխանցեցին իր տաղանդին մասին` ոչ-առեւտրական կատարողական տարածութիւնը, սինեմայի միջավայրը եւ հեռատեսիլի պաստառը։ Վերջինի պարագային, Էքսէրճեան կը պնդէ, որ իր երեւումը արդիւնքն էր բեմադրիչ Շարլ Եասմինի եւ նկարահանող Թարէք Ալ-Թելմիսանիի բանած հնարքին։ Ծրագիրը ապրանքանշանային թուղթէ անձեռոցի մը [Flora, Հ.Ա.] ծանուցումն էր, ուր պէտք է ըսուէր թէ ան «նուրբ է, տոկուն է եւ յագեցած է փափկութեամբ» [նէ’մա, քաուէյա ուա քուլլահա հեննէյա, Հ.Ա.]։ Էքսէրճեան ներկայ էր իբրեւ օգնական բեմադրիչ։ Գործընկերները իրմէ խնդրեցին կրկնել յիշեալ բառերը` որոնք կը կազմեն ծանուցումին վերջին մասը։ Անոնք պնդեցին։ Էքսէրճեան կը համաձայնի, քանի որ հրաւիրուած ըլլալով մասնագէտ մոտէլ մը, ան չէր ակնկալեր որ իր հատուածը ցուցադրուէր։ Բայց իր փորձը այնքան բնականօրէն գրաւիչ էր, երկչոտ եւ ճշգրիտ, որ մոտէլին փոխարէն իր դէմքն էր որ վերաբնակութիւն հաստատեց եգիպտական ընտանիքներուն մէջ։ Եւ շնորհիւ յիշեալ շուկայական կարգախօսին` որ կը գրաւէ դիտորդի կեանքէն ընդամէնը քանի մը երկվայրկեան, Վանիայի դէմքը յայտնի դարձաւ միլիոններու։ Ֆիլմի արդիւնաբերութեան մէջ եւս Էքսէրճեան պահպանած է դժկամ դիմագիծ մը իբրեւ կատարող։ Հակառակ Եոսրի Նասրալլահի, Զաքի ’Ապտէլ Ուահապի եւ Ռատուան Ալ-Քաշէֆի ֆիլմերուն մէջ իր ստանձնած դերերուն, ֆիլմի ասպարէզին մէջ իր ունեցած միակ լուրջ դերակատարութիւնը կը համարէ արտադրութիւնը, քանի որ ինքզինք կը տեսնէ նախ եւ առաջ իբրեւ թատրոնի դերասանուհի։ «Թէեւ գործադրութիւնն ու փորձառութիւնը միշտ եղած են գործուն, բայց ասիկա տակաւին չի նշանակեր որ փրոֆեսիոնէլ դերասանուհի եմ։ Փրոֆեսիոնէլ դերասանուհի ըլլալու համար պէտք է ինքզինքս լիաժամանակ [full-time] նուիրեմ խաղարկութեան։» Այստեղ տեղի կ’ունենայ հնչերանգի փոփոխութիւն մը, կարծէք այս յայտարարութիւնը իր մէջ թաքցնէ ինքնամաքրագործումի
35
[catharsis] ներքին գործողութիւն մը։ «Զայն կատարած եմ որոշ շրջան մը [1990ականներուն սկիզբը], եւ իրապէս հաճոյք ստացած եմ բարձրադաս ֆիլմերու մէջ խաղալով փոքր դերեր։ Բայց ասիկա յուսահատական շրջան մըն էր ինծի համար, թերեւս որովհետեւ երբեք չփորձեցի տարածուիլ, քանզի չափանիշերս, կարելի է ըսել, շատ բարձր էին։ Առ նուազն երեք անգամ ինծի առաջարկեցին մեծ ու կարեւոր դերամասեր, զորս հաւանաբար ընդունէի այսօր։ Բայց այդ ժամանակ իմ փնտռածս որեւէ բան չէր։ Կ’ուզէի աշխատիլ Եուսէֆ Շահինի եւ Շատի ’Ապտէլ Սալամի հետ», շեշտեց հեգնանքով. «Եւ թերեւս իմ խնդիրս իբրեւ լիաժամանակ դերասանուհի պարզապէս այն էր` որ քանի մը առաջարկներ պէտք չէր մերժէի։ Չէի գիտեր ինչպէս հաճոյանալ շուկային կամ ուր գծել սահմանը։» «Տեղի ունեցաւ մէկ փորձ մը», կը յայտարարէ, «մէկ յանդուգն փորձ մը` ապակիէ վանդակը ճեղքելու եւ խենթութիւն մը ընելու, երբ քիչ մնաց հեռաձայնէի Մոհամէտ Խանին եւ տեղեկացնէի թէ կ’ուզեմ խաղալ Նեսմայի դերը։» Նեսմա կը հանդիսանայ Խանի երբեք չիրականացուած ֆիլմը, որ պիտի պատմէր ուտելիքի սիրահար երիտասարդ գէր կնոջ մը փորձութիւններն ու դժուարութիւնները (դերի թեկնածուներէն մէկն էր Սո’ատ Հոսնի)։ «Խորհեցայ աղերսել իրեն որ խաղաքննէ ինծի, մարզէ ինծի։ Կամ, նոյնիսկ աւելին, առաջարկել իմ օգնութիւնը ֆիլմի արտադրութեան գործին։ Ինծի յանձնարարած էր Նեսմայի ընկերուհիին դերը, իսկ ծրագիրը տարիներու ընթացքին մէյ մը կը յայտնուէր, մէյ մը կ’անյայտանար։» Արդեօք Էքսէրճեան կատարե՞ց փորձ մը։ «Անգամ մը, խուժեցի իր վրայ եւ ըսի. «Ի՞նչ կ’ըլլայ եթէ Նեսմայի դերը խաղամ»։ Թէեւ կատակով ըսի, բայց նկատի չունէի կատակել», ըսաւ ան։ «Բայց քանի որ իր միակ պատասխանը խնդուքն էր, կը կարծեմ որ զայն ընդունեց իբրեւ կատակ։ Յետագային մտածեցի կրկին հեռաձայնել` տեղեկացնելու համար թէ որքան լրջօրէն կ’ուզէի խաղալ դերը։ Բայց երբեք չհեռաձայնեցի։» «Նեսմայի հանդէպ իմ զգացումներս շատ ուժեղ էին», անկեղծօրէն կը խոստովանի Էքսէրճեան։ Ուրիշ առիթով մը, երբ դիպուածաբար կը պատմէր «փորձին» համար մշակուած զգայացունց նախագիծը, արտասանեց յանպատրաստից ուշագրաւ մենախօսութիւն մը` բացայայտելով որ ինք կը գտնուէր աստղ դառնալէ քանի մը քայլ անդին, եթէ իր կամքով չհրաժարէր անկէ։ Խիստ համոզիչ կարապի երգ մը։ Ան այսպիսի դիւրութեամբ կը մեկնէր չմիջնորդուած ինքնարտայայտութենէն դէպի ոճաւորուած կատարում։ Թատրերգականացնելով անգործունեայ գիշերւան մը յուսալքութիւնը, ան կը ձեւակերպէր բացակայ ունկնդիրներուն հասցէագրուած ելոյթ մը, որուն ընթացքին իբր կը ծանօթանար պատահաբար այնտեղ գտնուող ունկնդիրներուն հետ։ Արդարեւ, ֆիլմի արդիւնաբերութեան հետ Էքսէրճեանի ունեցած կապը չի սահմանափակուիր միայն դերասանութեամբ։ Կալիլա Նաուուարի հետ կը
36
տնօրինէ Video 2000 արտադրութեան ընկերութիւնը, որ արաբերէն կը կրկնօրինակէ [dub] Տիզնիի քարտոնագիծ [animation] դասականները։ Ընկերութիւնը արտադրած է, բացի հեռատեսիլի ծանուցումներէ եւ յայտագիրներէ, ծանուցումային վաւերագրականներ, ինչպէս նաեւ խաղարկային ֆիլմեր` Տաուուտ ’Ապտէլ Սալամի Ալ Պահս ’ան Սայէտ Մարզուքը (Որոնում Սայէտ Մարզուքի)։ Ներկայիս ան կը հիմնէ Media 100 ձայնի եւ մոնթաժի սթիւտիոն, որուն համասեփականատէրերը պիտի ըլլան ինք, Նաուուար եւ Սալմա ’Օսման։ Ան քաջ կը գիտակցի արտադրութեան բնագաւառին մէջ արձանագրած իր յաջողութիւնը եւ պահանջուած շարունակական ճիգը։ Ճիշդ այս պատճառով է որ ան փրոֆեսիոնէլ դերասանուհի մը չի համարեր ինքզինք։ Սխալ է կարծել թէ արտադրութիւնը Էքսէրճեանին դարձուցած է անփոյթ կամ պաղարիւն, թէեւ արտադրութիւնը չի ծրարեր դերասանութեան համարժէք կիրք։ Արդարեւ, ան կը ծրարէ մէկ կարեւոր բան մը` արդիւնաւէտ վարչականութիւն։ Եւ այս բնաբանին մէջ, հայկական սրամիտ գործարարական աւանդոյթ մը եւ անգիտակից ազնուական փորձառութիւն մը կը միաձուլուին կազմելու բոլորովին տարբեր անձնաւորութիւն մը։ Այս գործնապաշտութեան շնորհիւ Էքսէրճեան կը գործադրէ ոչ մէկ անողորմ ինքնապեղում` որուն դերասանուհիները յաճախ կը դիմեն փորձի ընթացքին, եւ ոչ ալ կը յառաջանայ դէպի ուրիշ մարդոց տարածութիւնները։ Այս գործադրութիւնները առաջին անգամ սորվեցաւ աշխատելով Հասան Ալ-Կրեթլիի Ալ-Ուարշա Թատերախումբին հետ։ Իր պարտաւորութիւնն է միայն որոշումներ կայացնել, յանձարարականներ հաղորդակցել, ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ ժամանակացոյցեր պատրաստել։ Ասպարէզային մտածողութեամբ [career-driven] համակուած բազմաթիւ եգիպտահայերու նման, ան աշխարհաքաղաքացի [cosmopolitan] է եւ սրաթափանց։ Ըլլալով իր սեփական բնագաւառին տէրը, ան ունի բարձրարժէք ճաշակներ եւ հաւատարմութեան բարդ ցանցեր։ «Այս պահուն, պիտի փափաքէի նստած ըլլալ մեր սեփական քաղաքը` Էրզրում (Թրքահայաստանի մէջ)... «Երբ մեծցայ եւ իրազեկ դարձայ իրերու դրութեան, ապրեցայ շատ դժուար ժամանակաշրջան մը։» Ֆիլմի հիասթափուած աստղը եւ բազմալեզու արտադրիչը յանկարծ կը դառնան միասնական։ «Մինչեւ Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարան ընդունուիլս, վարած եմ ապահով կեանք մը։ Յաճախած եմ օտար դպրոցներ եւ սորված եմ հայերէն։ Սորված եմ հայոց պատմութիւն եւ հայկական բանաստեղծութիւն` զորս կարդացած եմ բեմերէն, համայնքին պատմելով թէ ինչպէս Հայաստանը երկրագունդի վրայ գտնուող դրախտն է` խոստացեալ երկիրը։ Բայց միաժամանակ Եգիպտոսը կը զգայի իբրեւ իմ տունս եւ չէի փափաքեր ապրիլ ուրիշ տեղ։ «Հետեւաբար կը գտնուէր այս տեսակ բախում մը, որ աւելի սրեցաւ երբ 1978-ին
37
առաջին անգամ այցելեցի Հայաստան, որուն ներկայ տարածութենէն դուրս կը մնար ծնողքիս բնակավայրը։ Բայց նոյնիսկ աւելի դժուար էր այն հանգամանքը», կը շարունակէ աւելի բարձր ձայնով, «որ մերօրեայ Հայաստանի անկախացումէն ետք ես չգաղթեցի այնտեղ։ Վերջապէս, երկրագունդի վրայ գտնուող դրախտին մէջ ինքզինքս զգացի իբրեւ զբօսաշրջիկ։ Բայց երբ հեռացայ Երեւանէն», պնդեց ան, «հաստատապէս խիստ համահունչ զգացի ժողովուրդին հետ։ Կը գտնուէր տեսակ մը հոգեւոր հարազատութիւն, կարծէք հոգիս վերցուած ըլլար անոնցմէ, իմ հոգիս», կրկնեց ան։ «Անկասկած կը գտնուէր ընդհանուր բան մը։ «Այս բախումը վերջապէս լուծեցի ընդգրկելով երկուքը` Եգիպտոս եւ Հայաստան, ընդունելով որ երկուքն ալ գոյութիւն ունին ինծի համար, իւրաքանչիւրը իր ուղղութեամբ։ Ես շատ ուրախ եմ ըլլալով հայ, միաժամանակ իրազեկ եմ հայոց ցաւոտ պատմութեան, թէ ինչպէս յայտնուեցաւ Սփիւռքը։ Կը կարծեմ ինքնութիւնը կորսնցնելու վախն է որ փոքրամասնական համայնքներուն կը մղէ կապուիլ իրարու հետ եւ կեդրոնանալ այնպիսի գործառնութիւններու վրայ` որոնք կրնան ըլլալ քիչ մը մակերեսային։ Ոչ մէկ մասնաւոր պատահար մղեց ինծի հեռանալ հայկական գաղութէն։ Պարզապէս աստիճանաբար զգացի որ ես պէտք է բան մը ընեմ Հայաստանի համար կամ ձեւով մը Հայաստանի ներկայացուցիչը ըլլամ, իսկ ասիկա ընելու համար պարտաւոր չեմ մաս կազմել համայնքին։ Կրնամ զայն ընել ուրիշ կերպով։ «Համայնքի գոյութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ ունեցած զգացումիս միջեւ ընդհարում չկայ։ Գիտէք, ասիկա շատ նման է մարդու մը յարաբերութեան Աստուծոյ հետ։ Մարդ կրնայ ունենալ իր սեփական յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, ամբողջովին անկախ իր պատկանած կրօնական հիմնարկի ծէսերէն։» Առերեւութական խզումը համայնքին հետ նախագուշակեց դէպի տուն տանող երկար ճանապարհ մը, ուղի մը` որ ներգրաւեց խիզախել դէպի օտար տարածութիւններ, ճամբու ընթացքին ընդգրկելով արտաքին ուժեր։ Բամբասանքի առիթ հանդիսացող իսլամ ամուսինին հետ, Էքսէրճեան այժմ կը բնակի Հելիոպոլսոյ մեծմօր բնակարանը, այնտեղ ուր երեխայ տարիներուն անընդհատ կը յաճախէր, շաբաթներ շարունակ իր մեծմօր խնամքին տակ ապրելով շքեղ կեանք մը։ Կապը, կը բացատրէ, հեռու է խզուած ըլլալէ։ Այստեղ անկարելի է Էքսէրճեանի թատերական ասպարէզին սպառիչ գնահատական մը տալ։ Կրնանք ընդունիլ, որ անոր սկզբնաւորութիւնը զուգադիպեցաւ համալսարանի ուսանողական տարիներուն հետ, երբ ընդլայնեցան իր հորիզոնները։ Էքսէրճեան կը պատկանի Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի զարգացած կիներու յատուկ սերունդին` ազատագրուած, տեղեկացուած եւ անյագօրէն նուիրուած իրենց ընտրած արուեստի կոչումին։ Ամբողջ տասնամեակ մը եռանդուն կերպով մաս կազմած է Ամերիկեան Համալսարանի թատերական գործունէութիւններուն։ Արուեստի տեսանկիւնէն Գահիրէի Ամե-
38
րիկեան Համալսարանը կ’ապրէր իր գաղաթնակէտային շրջանը` «բազմաթիւ ներկայացումներ, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն մեծ ներկայացումներ, աշխատարաններ [workshops] եւ ամէնօրեայ վերապատրաստութեան եւ վիճաբանութեան նիստեր, երեխաներու ներկայացումներ, կարեւոր թատրերգութիւններ` A Street Car Named Desire եւ Six Characters in Search of an Author, զորս շատ հաճելի էր կատարել։» Այստեղ Էքսէրճեան կը յայտնաբերէ նոր տուն մը` թատրոնը։ Եւ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք բաւական ժամանակ հաւատարիմ կը մնայ «Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի միաբանութեան», մինչեւ 1989, երբ կը միանայ Ալ-Ուարշային։ Այդ ժամանակ արդէն միաբանութիւնը ցրուած էր` Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի թատրոնը յանձնելով մռայլ ժամանակներու գիրկը։ Անոր կը յաջորդէ պուպրիկներու թատրոնի խումբ մը` Զասսի, որուն Էքսէրճեան մաս կը կազմէր մինչեւ 1990-ականներուն սկիզբը, երբ սկսաւ սիրահետել սինեման եւ աւելի ժամանակ նուիրել Ալ-Ուարշային։ Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանը իրեն շնորհեց առատ մերկացում եւ կարգապահութիւն, կ’ըսէ, առաջ մղելով դուրս գալ իր դաստիարակութեան պատեանէն։ Իբրեւ «ազատ խումբ»-ի [իմա` Ալ-Ուարշայի, Հ.Ա.] բաղկացուցիչ մաս` որ այլընտրանքը եւ փորձառականը հասցուց գրեթէ հիմնահոսանքի սիրտին, արդարեւ, Էքսէրճեան շարժեցաւ նոյնիսկ աւելի հեռու։ Բազմազանութիւնը կը հանդիսանայ խումբին ամենէն հաստատուն սկզբունքներէն մէկը, իսկ այլընտրանքային կառուցուածքներ ստեղծելու յանձնարարութիւնը` ուր տարբեր ակունքներու պատկանող մարդիկ կրնան փոխգործակցիլ, թերեւս ԱլԿրեթլիի համար աւելի կարեւոր է քան թատրոն կառուցելը։ Մինչ ինքզինքը ներքաշեց արմատապէս նոր ստեղծագործական փոխգործակցութեան մէջ վերին եգիպտացիներու, փողոցի կատարողներու, ձախակողմեայ աքթիւիսթներու, գնչու պարողներու եւ բանաւոր հեքիաթասացներու հետ, Էքսէրճեան առաջ մղեց իր հայ ինքնութիւնը եւ իր դժգոհութիւնը արտայայտեց առեւտրական եւ պետութեան կողմէ հովանաւորուած թատրոնին նկատմամբ։ Ղազիր ալ-լէյլին (Գիշերային ալիքներ) մէջ հայկական սգերգ մը կը զուգադրուի Հասան եւ Նա’իմայի մաուուալին հետ, եւ խումբին հեքիաթասութեան հատուածներուն մէջ քանիցս կը պատմուի հայկական ողջակիզումի պատմութիւնները` նախ հայերէն լեզուով, ապա արաբերէն թարգմանութեամբ, մինչեւ որ խումբին մնացած մասը կը կարողանայ զայն հասկնալ բնագիր լեզուով` առանց թարգմանական օգնութեան։ Եգիպտոսի մէջ կատարած ճանապարհորդութիւնները արգասաւոր էին։ «Անհաւատալի էր երբ առաջին անգամ մեկնեցանք Վերին Եգիպտոս», եղանակաւոր ձայնով ըսաւ ան։ «Ամէն քայլի կը զգայի թէ մուտք կը գործէի նոր աշխարհ մը, աշխարհներ` որոնց գոյութեան մասին գաղափար անգամ չունէի։» 1989-ին Ալ-Կրեթլի Էքսէրճեանին կ’ըսէ` թէ իր արմատները եւ կերպարանքը պիտի սահմանափակեն իրեն ազնուականի եւ օտարի դերերու
39
մէջ։ Բայց 1990-ականներու վերջաւորութեան ան արդէն կը խաղար Խատրայի դերը` Ալ-Կրեթլիի նախաձեռնած Հէլալէյայի դիւցազներգութեան մէջ։ Երբ ԱլՈւարշայի ուշադրութեան կեդրոնը կը շեղուի ներկայացումէն դէպի վերապատրաստութեան եւ անտեսուած խաւերու ծառայութեան յատկացուած գործողութիւնները, Էքսէրճեան ինքզինք ներգրաւուած կը գտնէ դերասանութենէն անդին գտնուող գործողութիւններու մէջ, որ պատճառ կը հանդիսանայ վերանայիլ խումբին հետ ունեցած իր դերակատարութիւնը։ Խաղալով Ալֆրէտ Ֆարակի վաղ շրջանի թատրերգութիւններուն վերջինը` The Last Walk, Տինա Ամինի թարգմանութեամբ ու բեմադրութեամբ, Էքսէրճեան կը վերյիշէ իր վաղ ներկայացումներուն սքանչելի խելագարութիւնը, բացայայտելով այնպիսի խորութիւններ` զորս վերջին, ոճականացուած ներկայացումները պահեցին թաքուն եւ, վասն իր հիասթափութեան, զարմացուց նոյնիսկ Ալ-Կրեթլիին։ Ինքզինք հեռացնելով վարչական եւ կրթական բազմաթիւ պատասխանատուութիւններէ, այժմ Էքսէրճեան ներկայ կը գտնուի Ալ-Ուարշայի յառաջիկայ ներկայացումի փորձերուն, Թաուֆիք Ալ-Հաքիմի դասականին` Ռուսասա ֆիլ-քալպ։ Երբ կը տարուի իր թատերական ասպարէզի յիշողութիւններով, Էքսէրճեան կրկին կը կերպարանափոխուի։ Երրորդ անձնաւորութիւնը կ’ընդգրկէ նախորդ երկուքէն տարրեր, բայց անոնցմէ աւելի սիրելի է ու ներշնչող։ Այս կարեկցող Էքսէրճեանը սքանչելի կատարող մըն է, անձ մը` որ կրցաւ ողբերգութեան իր զգացողութիւնը արտայայտել նրբօրէն տպաւորիչ շարժուձեւով, ձայնի հիսթերիք հնչիւնով եւ ջերմ յորդորանքով։ Մեծմօր նման, ան մօրենական [maternal] է ու բանիմաց։ Ծնողքի միակ երեխան, Էքսէրճեան կը ստանայ մանկական հոգեբանութեան գիտական կոչում որպէսզի գոհացում տուած ըլլայ ծնողքին դրսեւորած պատշաճ կրթութիւն հասկացողութեան։ Թատրոնը լաւ է, կ’ըսէին անոնք, այնքան ժամանակ որ անձը ունի իր անունին հետ կապուած յարգելի որակաւորումներ։ Բայց աքատէմիք ուղիին ընտրութիւնը բնաւ պատահական չէ եղած։ Երեխաներու հանդէպ ունեցած իր հետաքրքրութիւնն է որ ամենէն որոշակի բաւարարութիւնը կու տայ այս վեհանձն անձնաւորութեան։ Այս հետաքրքրութիւնը ոչ միայն ձեւաւորած է Ալ-Ուարշայի հետ կատարած աշխատանքը, այլ ազդած է կեանքի նկատմամբ իր ունեցած հայեացքին վրայ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Էքսէրճեան կարճ ժամանակով կ’աշխատի երեխաներու հետ հայկական դպրոցին մէջ, բայց իր մօտեցումը վնասած ըլլալով հին կարգապահիչներուն հեղինակութիւնը, ան իր կամեցողութեամբ կը հեռանայ։ Կը փորձէ աշխատիլ հոգեբանօրէն հաշմանդամ երեխաներու հետ, բայց անկարող կ’ըլլայ հանդուրժել ճնշումը։ «Կարելի է», կը բացատրէ, «շատ բան ընել այս երեխաներուն համար։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ, անոնք չեն կրնար բարելաւուիլ որոշ աստիճանէ մը անդին։ Եւ ամէն անգամ երբ կը նայիս իրենց, կրնաս տեսնել ասիկա, եւ ամէն անգամ սիրտդ կը ճմլուի։»
40
Կսկիծով կը մտաբերէ այն դէպքը, երբ այս երեխաներուն համար կը կազմակերպէ Ծնունդի հաւաքոյթ մը, որպէսզի անոնց հազուագիւտ առիթ ընձեռէ ժամանակ անցընել հիւանդանոցէն դուրս։ «Պատրաստած էինք զարդարանքներ եւ նուէրներ, հայրս Կաղանդ Պապա հագուեցաւ իսկ մայրս հայկական Ծնունդի կարկանդակ եփեց», կը վերյիշէ։ «Բայց արդիւնքը մղձաւանջային էր։ Մենք անկարող եղանք վերահսկել երեխաներուն շարժումները եւ ամբողջ ժամանակ հեւացինք որպէսզի զանոնք զերծ պահենք ինքզինքնին վնասելէ...»։ Թերեւս այս պատկերը, այսինքն` երեխաներու հոգեբանը, որ շրջադարձ կը վազէ ապահովելու համար իր տան մէջ Ծնունդը տօնող խումբ մը հոգեպէս հիւանդ երեխաներու ապահովութիւնը, պէտք է հիմք ծառայէ միացնելու Վանիա Էքսէրճեանի կեանքին եւ գործին բազմերանգ պատումները։ Youssef Rakha: ‘Vanya Exerjian: An Identity Element’, Al-Ahram Weekly, Issue No. 545, 2-8 August 2001։
41
ՄԻ ԿԱԹԻԼ ՄԵՂՐԸ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿ` ՎԱՆԻԱ ԷՔՍԷՐՃԵԱՆ
Ալ-Ուարշայի հովանաւորութեամբ, աշխատարանի (workshop) դերասաններէն մէկը` Ահմատ Շոքրի, կ’ասմունքէ եւ 2012-ին YouTube-ի մէջ կը տեղադրէ Մի կաթիլ մեղրի արաբերէն տարբերակը` Նոքթաթ ալ-’ասալ, Վանիա Էքսէրճեանի թարգմանութեամբ։ Գրքոյկիս յաջորդ էջերուն հրատարակուող արաբերէն բնագիրը գրառած եմ ես ինքս` հիմնուելով Շոքրիի ասմունքին վրայ։ Նկատի ունենալով Ալ-Ուարշայի սովորութիւնը, հաւանական է որ կա՛մ Վանիայի կողմէ վերջնական բնագիր գոյութիւն չէ ունեցած եւ կա՛մ Վանիայի պայմանական բնագիրին վրայ ասմունքողը աւելցուցած է իր դերասանական փորձառութիւնները։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, ասիկա Ալ-Ուարշայի ընտրած ուղին է, որուն միշտ հաճոյքով մասնակցած ու համոզումով հաւանութիւն տուած է Վանիա։ Արդիւնքը գեղեցիկ տարբերակ մըն է, կարելի է ըսել` եգիպտացի Թումանեան մը։ Արաբերէն բնագիրին համար կու գամ խորին շնորհակալութիւններս յայտնել եգիպտացի երաժիշտ եւ մտաւորական Մոհամմէտ Հոսնիին եւ նոյն ինք Ահմատ Շոքրիին, որոնք կարդալով գրառումս կատարեցին լեզուական վերջնական սրբագրութիւնները։ Հ. Ա.
43
ƢǼƦǔǣ ÂƾǠdz¦ ƾǓ Ǟǧǂǻ À¢ ȏ¤ ƢǼǷƢǷ¢ džȈdz ÀÂǂǘǔǷ .ƢǼƬƸǴLJ¢ ªƾƷ¢Â ǒǠƥ ȄǴǟ śnjȈŪ¦ ¦ȂǸƴǿ džƥƢȈdz¦Â ǂǔƻȋ¦ ȄǴǟ §ǂū¦ ƪǐǴƻ ¾ȐǗ¢ ƪǫƢƥ ©ȂȈƦdz¦Â .ÀƢǰǷ Dzǯ ǺǷ ©Ȃŭ¦ ƨŹ° Ƕnjƫ ƪǼǯ ǾǧƾǐdzƢƥ §ǂū¦ ǺǷ ¦ȂƬǴǧ ȄǴdz¦ ǺǷ°¢ ¨ƾǠǫ ǒǠƥ ǞǷ ¦ÂƾǠǫ ŘǠȇ ƶǴǏ džǴů :ǒǠƥ ¦ȂdzƘLjȇ ¦ȂǬÈƥ śǼǷ ÃƢƳ ǽ® §¦ǂŬ¦ Ȃǿ śǼǷ ÃƢƳ ...ǽ® §¦ǂŬ¦ śǼǷ ÃƢƳ śǼǷ
ǒǠƥ » §ǂǓ ¦Â°Â®Â ©Ȃŭ¦ ®¦± ...§ǂǔdz¦ ®¦± ƢǷ Dzǯ ǒǠƥ ¦ȂǼƸǗ ƢǷ ƾū ¦ȂǰdzȂǫ¢ ƪȈLjǻ ...ǽȦ) ¾Â® ÃȂǫ ǒǠƥ ǺǷ śƦȇǂǫ ȄǴdz¦ ǺȇƾǴƦdz¦ ǽƾǯ ǞȈƥ¦ǂŪ¦Â Ǿſ ñ (śǨǴƬű śǰǴǷ ǞƥƢƫ ¦ȂǻƢǯ ¾Âȋ¦ ŐŬƢƥ ǶǴǟ ȄǴdz¦ ǮǴŭ¦Â ǾƦǠNj ľ Ƥǘź ƾǟ¢Â ¥°¦Ȃǘdz¦ ƨdzƢƷ ǺǴǟ¦ ȐƦǼdz¦ ƢȀȇ¢ ¾ƢǸǠdz¦ ƢȀȇ¢ ǂǰLjǠdz¦ ƢȀȇ¢ ©ƢȇȂƬLjŭ¦ Dzǯ ǺǷ ²ƢǼdz¦ ƢȀȇ¢ ¿ȐLJ ľ ÀȂǼǷ¡ ǺŴ Ǿdz¦ƾǼƥ »ǂNj ¿ƾǠƥ Ƣǻ®ÂƾƷ ƨŦƢȀŠ ƢǼǻ¦ŚƳ ¿Ƣǫ DzǷƢnjdz¦ °ƢǷƾdz¦ ƨƸǴLJ¢ ƢǻƾǓ ¦ȂǷƾƼƬLJ¦Â .¿Ȃƴ٦ ľ NJȈŪƢƥ ƢǻǂǷ¦Â¢ ǺȇǂǘǔǷ Ƣǻ°ƾǏ¦ Ǯdzǀdz ǾƷǂNj ŇƢƬdz¦ ǮǴŭ¦Â
.ƪƬƷ ½ǂLjË ǰÈ ǻƢƷ ƢǼƷ¤ ǽ® ǽǂnjǟ §ǂǔȇ ƨǸǴǯ ¾ȂǬȇ ƾƷ¦Â Dzǯ .ǾǻƢƥƾdz¦Â ǾǘǬdz¦Â ƤǴǰdz¦Â DzƄ¦ ƤƷƢǏ ƤǼƳ ǽȂŹ° Ë ƢǷ ƾū Ȅǟ¦ǂdz¦ ƾǴƦdz ŐŬ¦ °ƢǗ ¼Ődz¦ ñ ¸°¦Ȃnjdz¦ » ńƢǿȋ¦ ƪǠǴǗ ƢǼƫÂDŽǟÊ ǺǷ ƾƷ¦Â ¦ȂƫȂď ǷÈ .Ǿȇ¤ ȏ śŻƢǻ ȂƬǻ¤ DzƄ¦ ƤƷƢǏ ƾǴƥ ȄǴǟ ǽ®¦ǂŪ¦ ñ ¦ȂdzDŽǻ ǾǧȂnjǰǷ ǾLJ¦° ȄǴdz¦Â ľƢƷ ȄǴdz¦ džƦǴȇ NJǬūƢǷ ȄǴdz¦Â džƥȏ ȄǴdz¦ ǾƬǰLJ » ǽƢǬdz ȄǴdz¦ ¬ȐLjdz¦ ƾƻ ǾǴǯ ƢǼȇ°ƢǷ ǾǷȂNj ǾȇƢǐǟ »Â°ƢƳ ǺLjǷ ǾǯȂNj ǾǼȈǰLJ °ȂǗƢLJ ǂǐǼÈş ¢ ǾƥȂǘƥ ÀȂǿ ƾȇ¤ ƪnjǗ ǾǴƷ Ƣǘǣ ǾȈǫƾǼƥ ǦȈLjƥ ³ȂǯƢNj °ƢnjǼǷ ǾNjƢǸǯ ǾƥƢnjǻ ...ǾƴǼƦǗ ǾnjǬǷ ǾƴǼLJ §ǂū¦ ƪǷƢǫÂ
Ƣȇ ǮǣƢǷ® ȄǴǟ ƾȀƬȇ ǽ® ƪȈƦdz¦ ƅƢNj À¤ ŒȈƦƷ ŒǴǯ ¬Ȑǧ .汦 ȄǬƦȈƥ §ǂǔdz¦ Ǯȇ°ËÂƢÈ Ʒ Ƣǻ¢ DzƄ¦ ƨƦƬǟ ȄǴǟ ǾǷȂË ǯÈ ǽŚƦǯ ²¦° ¿¢ ǾǷȂnjƥ .ǾǻƢƥƾdz¦Â ǾǘǬdz¦Â ƤǴǰdz¦ ƤǼƳ .³ȂǿȂƦȈLjƫƢǷ :DzƄ¦ ƤƷƢǏ ƢŮƢǫ ǾǸǴǯ ǂƻ¡ ƪǠǴǗ ƢȀǴǯ ƾǴƦdz¦ ƢǻȂƫȂǸȈƥ §ǂǤdz¦Â ƢǻȂƥ¢ ƪȈƥ ƪȈƦdz¦ °ƢǠdz¦ ȏ °ƢƬdz¦ ŚǤǐdz¦Â ŚƦǰdz¦ ƤȈƦū¦Â ÂƾǠdz¦ È ƾȈǠƦdz¦Â ƤȇǂǬdz¦ ²ƢǼdz¦ Dzǯ śdzƢǬƦdz¦Â śLJƢǼǰdz¦Â Ǻȇ±ƢƦŬ¦Â śǯƢǸLjdz¦Â Ǻȇ®¦ƾū¦Â Ǻȇ°¦DŽŪ¦ ©¦®¦ƾdz¦Â ©ƢǼƦdz¦Â ©ƢƬLjdz¦Â śLJƢƸǼdz¦Â Ǻȇ°ƢǘǠdz¦Â ...©ƢǨǛȂŭ¦Â ©ƢƦƴƄ¦Â ©Ƣǐǫǂdz¦Â ©ƢǸȈǰū¦Â ǾȈǧƢǷ ƨǷDŽǠƥ Ȅǟ¦ǂdz¦ » §ǂǔȈƥ Dzǰdz¦ ƢǼǟƢƬƥ DzƳ¦ǂdz¦ ©Ȃď Ť ÃƢƳ Ë ȏÂË Ãŗnjƫ ÃƢƳ ƪǻ¤ ƾƻ ǾdzƢƳ° ǽ¦°Â À¤ NJǧǂǠƬǷ ƪǻ¤ ƾƻ -
DzLjǠdz¦ ²ƢǼǴdz DzLjǟ ȄǴƷ¦ ÃƾǼǟ ƢȀȈǧ ƾƻƢƫ ǾƳƢƷ ½ƢǠǷ .µ°ȋ¦ ¸ ǾǘǬǻ ƪǠǫ ǾǴƦǐȈƥ °ȂųDŽdz¦ ¿ ƪǠǴǗ ǾǻƢƥ® .DzLjǠdz¦ ƨǘǬǻ ȄǴǟ ƪǘަ DzƄ¦ ƤƷƢǏ ƨǘǫ .ƢȀƬƫȂǷ ǾǻƢƥƾdz¦ ¸ ƪǘǻ ǽ® ǂǜǼŭ¦ »ƢNj ƤǴǰdz¦ ǂųDŽǷ ¬¦°Â ƪǨǫ Ǿǻ¦®Â Ê ¬¦°Â .ǾǻƢƥƾdz¦ ƤǼƳ ƢȀNjǂÊ Èǧ ǾǘǬdz¦ ¸ ǶƳƢǿ :ǂǐȇ ƾǟ¢ DzƄ¦ ƤƷƢǏ ƤǴǰdz¦ Ǻƥ¦ ƤǴǯ Ƣȇ ǽƾǯ ŕǘǫ Ƣȇ ǽ¡ ǽƾȇ¤ ľ ȄƴȈƫ ǾƳƢƷ â ƤǴǰdz¦ ľ »ƾŹ ƾǠǫ ǾǼũ ƨƦǴǟ ƪȇ± ¨±¦±¤ ǾǻȂƫ ƨƦǴǟ ǾǻÂǂǰǷ ±° ²ƾǟ džȈǯ .ǾǻƢƥƾdz¦Â ǾǘǬdz¦ ƤǼƳ ǾǷÉȂď ǰÈ Ƿ ¬¦° À¦DŽȈŭ¦ ƨƴǼLjƥ :ǂËǐǷ È ¬¦°Â ǽƾǯ »ƢNj Ȅǟ¦ǂdz¦
ϝγόϟ ΔρϘϧ aćŕŋćňőĭ ĠŕŋćŐĹőŏ :ŇŃļĊ aćŕĕĞġŀE ćŕŋćĹ :NEĜijEc ČʼnĕĞĎ o dĞĿĥ ĜʼnėE :?ćļŅE »Ƣȇ°¢ ƾǴƥ ľ ¬Ȑǧ ŚǤǏ ǾdzƢǬƥ DzŰ ǽƾǼǟ ȐƷ¢ ǾƬǟƢǔƥ DzLjǟ ǾǷȐǯ .ÀƢǰǷ Dzǯ ǺǷ ǾǴȈƴƬƥ ƪǻƢǯ ²ƢǼdz¦ ǽƾǯ ÀƢnjǟ ǶȀƦǻƢƳ ȄǴdz¦ ǂǨǰdz¦ ǺǷ ǾdzƢƳ ¿Ȃȇ ľ µǂǠƥ ¾ȂǗ Ȅǟ¦° Ǻȇ® ƨƬƷ Ãƾǫ ǮȈǴǟ ƢǷ Äƾē¦ µ°¢ Ƣȇ :¾ȂǬȈƥ ȄNjƢǷ ǽ¦°Â ȄNjƢǷ ǾƦǴǯ ǾǨƬǯ ȄǴǟ ǾƬǷȂNj ƪǗƢƷ ǮȈǴǟ É ¿ȐLJ - :ǾdzƢǫ ¿ȐLjdz¦ ǶǰȈǴǟ DzLjǟ ½ƾǼǟ -
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ Կենսագրական գիծեր Հ. Ա.
Վանիա Էքսէրճեան` ինքնութեան մը տարրը ԵՈՒՍԷՖ ՌԱԽԱ
Մի կաթիլ մեղրը ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿ` ՎԱՆԻԱ ԷՔՍԷՐՃԵԱՆ
5 35 43
51
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 2016
Յաւելուած Ա. Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ
Յաւելուած Բ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ` յիշողութիւն եւ մարտահրաւէր (դասախօսութիւն) Յաւելուած Գ. Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր` Հ. Աւագեան
Յաւելուած Դ. Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը
2017
Յաւելուած Ե. Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան
Յաւելուած Զ. Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան
Յաւելուած Է. Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան 52
Յաւելուած Ը. Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքի ուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան
Յաւելուած Թ. Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (1940-1948), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան Յաւելուած Ժ. Տիրան Կարապետեան. յօդուածներ իր մասին, նկարներու ալպոմ, (ծննդեան 135-ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հ. Աւագեան
Յաւելուած ԺԱ. Վանիա Էքսէրճեան. բազմերգանգ աշխարհ մը համակ կենսունակութեամբ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան
53