ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Գ.
ՄԱՐԴԸ ԸՆԴԴԷՄ ՄԱՐԴՈՒ
ՄԱՀԱՓՈՐՁԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ (1890-1908) Հաւաքեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԺԴ. ԳԱՀԻՐԷ 2018
ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Գ.
ՄԱՐԴԸ ԸՆԴԴԷՄ ՄԱՐԴՈՒ
ՄԱՀԱՓՈՐՁԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ (1890-1908)
Հաւաքեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԺԴ. ԳԱՀԻՐԷ 2018
Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան
Այս գրքոյկը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։
Ստանալու համար դիմել` tchahagir@journalist.com
ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ
Սոյն հաւաքածոն կը բովանդակէ հայկական ծրագրուած մահափորձերը (ձախողած սպանութիւնները) եւ սպանութիւնները, ինչպէս նաեւ դաւաճանութեան անունին տակ մամուլով արդարացուած անհատական սպանութիւնները, սկսելով 1890-էն` անոնց գործադրութեան առաջին օրէն, մինչեւ 1908` Արփիար Արփիարեանի սպանութեան տարին։ Իւրաքանչիւր դէպքի յաջորդած են մամուլի յօդուածներ, պաշտօնական յայտարարութիւններ, թեր ու դէմ կարծիքներ, որոնցմէ ընդարձակ նմոյշներ տեղադրած եմ սոյն գրքոյկին մէջ։ Աղբիւրները տարբեր են։ Դրօշակ (Ժընեւ) պարբերականը, Միքայէլ Վարանդեան (Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան, 1992) եւ Ա-Դօ (Մեծ դէպքերը Վասպուրականում 1914-1915 թւականներին, Երեւան, Տպարան Լոյս, 1917) կը ներկայացնեն Հ. Յ. Դաշնակցութեան կարծիքները։ Վարդօ (Տասը տարի Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան մէջ, Վառնա, Տպարան Արեւելեան, 1906) կը ներկայացնէ հակա-դաշնակցական կարծիքը։ Հնչակ (Լոնտոն), Երիտասարդ Հայաստան (Պոսթոն) լրագիրները եւ Արսէն Կիտուր (Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 1887-1962 (Ա. հատոր, Պէյրութ, Հրատարակութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուս. Պատմագրութեան Կեդր. Յանձնախումբի, 1962) կը ներկայացնեն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան կարծիքները։ Մինչեւ 1906, Ձայն հայրենեաց շաբաթաթերթը (Պոսթոն) կը ներկայացնէ Վերակազմեալ Հնչակեաններու կարծիքը։ 1906-էն սկսեալ ան կը ներկայացնէ Վերակազմեալ Հնչակեաններու արզուեանական կամ «բռնատիրական» թեւի ձայնը, իսկ 1907-ին հիմնուած Ազգ շաբաթաթերթը (Պոսթոն)` Վերակազմեալ Հնչակեաններու «չափաւոր» թեւի։ Մաղաքիա Արք. Օրմանեան կը պատմէ իր դէմ եղած մահափորձին անձնական փորձառութիւնը, Երուանդ Օտեան, Արփիար Արփիարեան, Վահան Թէքէեան, Գաբրիել Սերոբ Փափազեան, Հ. Մկրտիչ վարդապետ Պոտուրեան, Աշոտ Աբգարեան եւ Աւետիս Յարութիւնեան կ’արտայայտեն իրենց անձնական կարծիքները։ Մամուլի մէջ ամենաշատ արձագանգը գտած է Յովհաննէս Թաւշանճեանի սպանութիւնը 1907-ին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան մեծահարուստ մըն էր եւ կ’ապրէր հարուստներու մայրաքաղաք Նիւ Եորքի մէջ։ Աչքառու անձ մը` աչքառու վայրի մը մէջ։ Դէպք մը` որ զգայացունց կերպով կը հետաքրքրէր ամերիկացներուն։ Ամերիկեան մամուլը ընդարձակ սիւնակներ յատկացուց դէպքին եւ մանրամասնօրէն հետեւեցաւ ոստիկանական ու դատական զարգացումներուն։ Ամբողջ
3
աշխարհի հայկական մամուլը եւս հետեւողականօրէն ներկայացուց դէպքը եւ տուաւ լայն մեկնաբանութիւններ։ Ասոր հակապատկերը կը ներկայացնեն այն սպանութիւնները` որոնք «դաւաճանութեան» անունին տակ գործադրուեցան անծանօթ մարդոց դէմ։ Այս մարդիկ չունէին մամուլի ու հանրային պաշտպաններ։ Սպանութիւնը` դասակարգային է։ Բնագիրները` զորս կարելի է գտնել գրքոյկիս մէջ, ինքնաբացայայտող են։ Այս գրքոյկը կը հանդիսանայ Արփիարեանի մահուան 110-ամեակին նուիրւած Ջահակիրի երրորդ եւ վերջին Յաւելուածը։ Համոզուած եմ, որ հրատարակուած բնագիրները ամենէն աւելի կրնան բացայայտել ու բացատրել այդ ժամանակ տիրող սպանութիւններուն մթնոլորտը` որ կարելի դարձուց Արփիարեանի սպանութիւնը։ Կ’ուզեմ շեշտել` որ այս կամ այն կուսակցութեան դէմ եղած լրագրական եւ պատմագիտական սուր մեղադրանքները հաստատելու կամ հերքելու միտում չունի հաւաքածոս, ոչ ալ կուսակցութիւններուն լաւ կամ վատ կողմերը բացայայտելու նպատակ կը հետապնդէ։ Բոլոր բնագիրներուն պատասխանատուութիւնները կը կրեն իրենց հեղինակները։ Կուսակցական փորձառութիւնները շատ աւելի ընդարձակ են զանոնք սպաննել-չսպաննելու բնաբանին մէջ կարենալ տեղաւորելու համար։ Արդարեւ, տուեալ բնագիրները իբրեւ յաջորդական ամբողջականութիւն ներկայացուելով առաջին անգամ, կուսակցութիւններն իրենք կրնան նոր աչքով դիտել իրենց անցեալը` արդարացնելով իրենց կատարածները կամ վերանայելով իրենց սխալները, որուն շնորհիւ համերաշխութեան նոր փուլ մը բացած կ’ըլլան սեփական անցեալին հետ։ Հաւաքածոս ունի միակ ելակէտ մը, գլխաւոր դրդապատճառ մը` որ պայմանաւորեալ է Արփիար Արփիարեանի սպանութեամբ։ Հ. Ա.
4
ՄԱՀԱՓՈՐՁԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. ՏԱՃԱՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԵՒ ԱՆԱՍՏԱՍ (սպանութիւն) 1890, Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութեան Պոլսոյ Մասնախումբ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՏԷՌՕՐ
Յայտարարում ենք Հնչակեան Կուսակցութեան Յեղափոխական Դատարանի հետեւեալ պաշտօնական Վճռագիրը. ՎՃՌԱԳԻՐ «Ըստ պատմական օրինաց տրամադրութեան, Սուրբ Գործի արգելք եղող լրտեսներուն ու մատնիչներուն արժանաւոր վարձատրութիւնը ՄԱՀ է։ «Յեղափոխական Դատարանը հետեւեալ վճիռներն կայացրեց. 1) Պատժել Տաճատ վարդապետն այն մատնութեանց համար, որ նա արած է Յարութիւն Ֆանկիւլեանի եւ սորա մէկ ընկերի մասին թիւրք զինւորական ատենին մէջ։ 2) Պատժել պալատական յայտնի լրտես Անաստասը։ Այդ վճիռներն գործադրվեցան։ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԽՈՒՄԲ Կ. ՊՕԼՍՈՅ»
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 14 Սեպտեմբեր 1890, երրորդ տարի, թիւ 6, էջ 5
------
2. ՍՈՒՔԻԱՍ ՔԱՀԱՆԱՅ (մահափորձ) ԵՒ ԽԱՉԻԿ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ (սպանութիւն) 1890, Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութեան Պոլսոյ Մասնախումբ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՏԷՌՕՐ
Յանուն Հնչակեան Կուսակցութեան Յեղափոխական Դատարանին հետեւ-
5
եալ պաշտօնական Վճռագիրը կը հաղորդեմք. ՎՃՌԱԳԻՐ «Յեղափոխական Դատարանը այս անգամ եւս մանրազննին քննութեամբ ստուգելով եւ հաստատելով թէ 1) Սուքիաս քահանայն ուղղակի մասնակցութիւն եւ գործակցութիւն ունեցած է Տաճատ վարդապետի մատնութեանց եւ դաւաճանութեանց մէջ. թէ 2) Փաստաբան Խաչիկ Պետրոսեանը մատնիչ եւ վարձկան լրտես է եւ յայտնի դաւաճան ընդդէմ Սուրբ Գործին, եւ նկատելով որ ըստ պատժական օրինաց տրամաբանութեան` այդպիսեաց արժանագոյն վարձատրութիւնը ՄԱՀ է, միաձայնութեամբ այդ երկու դաւաճաններն ի մահ դատապարտեց։ Այդ վճիռները անմիջապէս գործադրվեցան։ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԽՈՒՄԲ Կ. ՊՕԼՍՈՅ
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] Հոկտեմբեր 1890, երրորդ տարի, թիւ 8, էջ 3
Տ. ՍՈՒՔԻԱՍԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԸ
ՊԵՐՃ
Տ. Սուքիասի վրայ Յեղափոխական Դատարանի արձակած վճիռը գործադրելու սահմանեալ տէռօրիստը տեսնելով որ նա ինքզինք մեծ զգուշութեամբ կը պահէ եւ դուրս չելլեր, մի քանի առաւօտ մեծաւ ջերմեռանդութեամբ Գումգաբուի Մայր Եկեղեցին կը յաճախէ. վերջապէս ամսոյս 14-ին ուրբաթ առաւօտ ժամերգութեան միջոցին Սուքիաս ներկայ կը գտնուի. հոն մինչ մատնիչ աւագերէցն Աւետարան կարդալէ յետոյ դէպ ի դասը կը յառաջանար, սարսափարկու պաշտօնեայն կը հանէ ռէվօլվէրը եւ առաջին հարուածը կարձակէ. իսկոյն գետին կը փռուի դաւաճան քահանայն որոյ վրայ երկրորդ հարուած մ’ալ պարպելով կը մեկնի թէռօրիստը կարծելով թէ աւարտած էր իւր պաշտօնը...։ Բայց տէրտէրը սարսափէն ուշաթափուած եւ ինկած էր, որով եւ հարուածք վրիպած էին...։ Թէռօրիստը աջ ու ձախ նետելով մահավճռոյն օրինակները կը յաջողի փախչիլ բազմութեան մէջէ, կամ մանաւանդ` ժողովուրդն անխռով կերպով կը դիտէ այս սուրբ ոճիրը եւ իրեն ճամբայ կուտայ (նշանաւոր երեւոյթ)... այսպիսով եկեղեցիէն դուրս ելնելով` հետակորոյս կը փախչի... Մի քանի վայրկենի մէջ եկեղեցին կը լեցուի խուռն բազմութիւն մը հետաքրքիրներու. ժողովրդեան դէմքին վրայ յակամայս իւրեանց կը յայտնուէին հաճութեան եւ գոհունակութեան նշաններ. ոստիկանք` ափշած եւ շուարած` վրայ հասան, դողալով կարդացին մահավճիռն, եղելութեան մանրամասնութեանց տեղեկացան եւ տեղեկագրեցին առ սուլթան։ Մատնիչ աւագերէցն դալկահար եւ մեռելատիպ` չէր կարող ոտից վրայ կանգնել.
6
երկու թեւերէն օգնելով եւ ոստիկաններէ շրջապատեալ` այնպէս տարուեցաւ Երուսաղեմատունը ուր դարձեալ մարեցաւ...։ Մեծ տպաւորութիւն թողուց այս երկրորդ դէպքն արքունի պալատան մէջ. սուլթանը կատաղած ու մոլեգնած` ի՛նչ ընելիք չէր գիտեր. մեծ շփոթութիւն տիրեց բոլոր պալատականաց մէջ որոնք առ հասարակ կը կարծէին թէ վերջին խստութիւնք եւ պատիր խոստմունք զհայերը թուլցուցած ու ջլատած են։ Քիչ վերջ Դուռ կանչուեցաւ պատրիարքական փոխանորդ Ասլանեան Ներսէս վարդապետը` որուն ըսուեցաւ որ ինք պատասխանատու է այս դէպքին համար, քանի որ դատական նախարարութեան վերջին թէզքէրէին համաձայն պատրիարքարան պատասխանատու պիտի ճանչցուէր ոեւէ դէպքի համար որ պատահէր Առանձնաշնորհմանց Յանձնաժողովոյն իւր պաշտօնը լրացնելէն յառաջ։ Պատր. Փոխանորդը պարզապէս պատասխանեց թէ ինք հրաժարած է չորեքշաբթի օրէն ի վեր։ Գումգաբուի թաղը այս առթիւ դարձեալ պաշարման նոր դաս մ’ալ եղաւ դաւաճաններուն եւ նոր ուժգին ապտակ մը կառավարութեան երեսին։ Հայոց մայր եկեղեցին կրկին անգամ օրհնուեցաւ սուրբ վառօդոյ խնկարգութեամբ...։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] Հոկտեմբեր 1890, երրորդ տարի, թիւ 8, էջ 3
ՓԱՍՏԱԲԱՆ ԽԱՉԻԿ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՊԵՐՃ
Փաստաբան Խաչիկ Պետրոսեանի դէմ Հնչակեան Յեղափոխական Դատարանի արձակած վճիռն գործադրելու պաշտօն ունեցող թէրրօրիստը` բաւական ժամանակէ ի վեր նորա ետեւէն կը շրջէր, բայց չէր կրնար իրեն հանդիպիլ։ Վերջապէս Խաչի երկուշաբթի օրը հայ թէրրորիստը կուխտէ նոյն օրը կատարել իւր ստանձնած պարտականութիւնը, եւ իրօք նոյն գիշերը ժամը կէսին կը պատահի մատնիչին ի Թօփ Գափու, Թաքքէճիլեր թաղը` Միտհատ փաշայի ամարանոցի եւ Տավուտ փաշա զօրանոցի մօտերը. հոն Չընար կոչուած ծառի մը տակ զբօսարան մը կայ որոյ առջեւ կը շրջագայէր դաւաճան լրտեսը մի կողմն ունենալով թուրք երիտասարդ մը եւ միւս կողմը` իւր մի հոմանին։ Յանդուգն թէրրորիստը կը յառաջանայ անխռով եւ ձեռքը նամակ մը կուտայ։ Փաստաբանը կանգ կառնու, նամակը կը բանայ եւ կը կարդայ իւր մահավճիռը...։ Կարդացած միջոցին` թէրրօրիստը կըսէ. «Կարդա՛ որ գիտնաս թէ ինչի՛ համար կը մեռնիս, անգիտակցաբար չմեռնիս։» Զայս կըսէ եւ րէվօլվէրի երկու հարուածներ կը պարպէ որոնք թէեւ կը դիպին, բայց մահացուցիչ չեն լիներ, որոյ վրայ դաշոյնի հարուածով մը փորը կը ճեղքէ եւ աղիքները դուրս կը թափէ, շուրջը մահավճիռի թղթեր
7
կը ցրուէ եւ այնուհետեւ մեր կտրիճը կը յաջողի փախչիլ եւ ազատիլ թուրք կառավարութեան ճիրաններէն։ Այս սոսկալի տեսարանին ականատես հոմանուհին կը նուաղի, իսկ թուրք երիտասարդն կը փախչի, թէրրորիստը սորա ալ ետեւէն երկու գնտակ կարձակէ, բայց կը վրիպի։ Անմիջապէս բազմութիւն կը խռնի, կը հասնին նաեւ ոստիկանք եւ կը տեսնեն կիսամեռ մատնիչն գետնատարած, ահ ու դողով կը կարդացուին դատավճռոյ թղթիկները. ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ դէպքին վայրը գտնուող բոլոր մարդիկն, ընդ այր եւ ընդ կին։ Թիւրք երիտասարդը կը ներկայանայ եւ կը յայտարարէ թէ կը ճանաչէ սուրբ ոճրին հեղինակը եթէ դէմքը տեսնէ. բայց ներկայից մէջէն ոչ ոք կը նմանի իրեն. նա արդէն հեռացած էր...։ Կիսամեռ մարմինը պատգարակի մէջ դնելով տուն կը փոխադրեն. բժիշկ կը բերուի եւ լայնաբաց վէրքը կը կարէ, բայց կը յայտարարէ թէ կեանքէն յոյս չկայ. եւ ինք երեք ժամէն կը փչէ վերջին շունչը։ - Չորեքշաբթի իւր թաղման արարողութիւնը կը կատարուի խիստ անշուք կերպով։ Այս վերջին դէպքն իւր կատարեալ յաջողութեամբն ահ եւ սարսափ տարածեց մայրաքաղաքին մէջ. շփոթութիւն, յուզում, զայրոյթ, խրախոյս կը տիրեն ըստ իւրաքանչիւր դասակարգի։ Կառավարութիւնը գազանացած իւր զայրոյթէն ու կատաղութենէն` աջ ու ձախ հանդիպածն կը ձերբակալէ. հարիւրաւոր հայեր ձերբակալուած են այս 3-4 աւուրց մէջ, որոց մի առ մի անունը գրել եւ ներգործութիւնն ընել անկարելի է։ Ամբողջ հայ թաղերու մէջ ոստիկանք եւ լրտեսք – այս վերջնոց մէջ դեռ կը գտնուին հայեր – կը վխտան. երեք հայ քովէ քով չեն կարող քալիլ առանց կասկած հրաւիրելու. տուներ ու խանութներ կը լրտեսուին. խուզարկութիւնք անթիւ են։ Միով բանիւ թրքական համայն ոստիկանական կազմակերպութիւնը իւր բոլոր զօրութեամբ հայոց դէմ հանուած է եւ հայերը զսպելու կը նկրտի, բայց ի հարկէ ի զուր։ Մեծ է մեր վստահութիւնը հայ յեղափոխականաց անձնուրաց գործունէութեան եւ առ հասարակ հայ ժողովրդեան յարատեւ հաստատամտութեան վրայ որով չպիտի ընկճի եւ ամենայն եռանդեամբ պիտի շարունակէ յեղափոխական մարտն որոյ յաղթանակի ժամն մօտեցած է...։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] Հոկտեմբեր 1890, երրորդ տարի, թիւ 8, էջ 3-4
ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՔ
ՊԵՐՃ
Ինչպէս ըսի, ձերբակալութիւնք հարիւրներով կը հաշուին։ Գումգաբուի եւ Կէտիկ փաշայի կողմերը շատ մը տուներ խուզարկուած են եւ տասնի չափ
8
կնիկներ ձերբակալուած են։ Հայ կանանց ձերբակալութիւնը քաջալերիչ նորութիւն մ’է եւ ապացոյց որ հայ կանայք եւս տոգորված են յեղափոխական գաղափարներով...։ Բերա Աղաճամիի կողմը բեռնակիրներու բնակարանը խուզարկուած է. ներկայից եւ բացակայից բոլոր սնտուկները բանալով եւ խորտակելով` պարունակութիւնք աչքէ անցուցեր են, գտնուած մի քանի զէնքերն գրաւեր են եւ անոնցմէ մի քանի անձինք ալ ձերբակալեր են։ Լուր կը տրուի մեզ թէ Սուքիասի թէռօրիստը ձերբակալուելով ուղղակի Եըլտըզ պալատը տարուեր եւ հարցաքննուեր է եւ բարբարոս կառավարութիւնը իրմէն գաղտնիք մ’առնելու համար` նորա ձեռքին մէջ կրակ լեցուցեր է...։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] Հոկտեմբեր 1890, երրորդ տարի, թիւ 8, էջ 4
------
3. ԵԱԳՈՒՊ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ (սպանութիւն) 1891, Զմիւռնիա ԵՒ ՏԻԳՐԱՆ ԱՄԻՐՃԱՆԵԱՆ (սպանութիւն) 1891, Վան Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն
ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ԵՐԿՈՒ ՏԵՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՔ
ՊԵՐՃ
Վերջին պահուս արժանահաւատ աղբիւրէ հասած տեղեկութեանց նայելով Զմիւռնիոյ մէջ Եագուպ Պալապանեան անուն մատնիչ հայազգին` յեղափոխական կուսակցութեան մէկ որոշման համեմատ` տեռօրական գործողութեան ենթարկուած է. նամակագիր կըսէ թէ մատնիչն հոգեվարքի մէջ ։ Աստ շրջող զրոյցներուն նայելով` Վանայ մէջ եւս տեռօրական գործողութիւն մը կատարուած է յանձին Տիգրան վարդապետ Ամիրճանեան անուն վատահովի հայուն. սա այն անձն է որ իւր խեղկատակ բնաւորութեան համար իւր հայրենակիցներէն կետոսիկ կը յորջորջուէր եւ որ ժամանակէ մ’ի վեր ծանր կասկածներու առիթ տուած էր իւր յաճախակի եւ մտերմական յարաբերութեանցն համար կառավարական շրջաններու հետ, յորոց եւ տարիներէ հետէ յատուկ ռոճիկ եւս
9
կը ստանար թուրքերէնի ուսուցչութեան անուան ներքեւ։ Հարուածը մահաբեր չէ եղած։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] Յունուար 1891, չորրորդ տարի, թիւ 1, էջ 5
------
4. ԱՐՍԷՆ ԹՈԽՄԱԽԵԱՆ (սպանութիւն) 1891, Վան Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Յունօ (վանեցի դաշնակցական հայդուկ)
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
Էականը կռիւն է, մնացածը երկրորդական է։ Եւ կռւի բոլոր ձեւերը ընդունելի են, նւիրական։ Զա՜րկ տաճկին ու քիւրդին ամէն տեղ, ամէն պարագայի տակ։ Զա՜րկ եւ ներքին ոսոխներուն, ուխտադրուժ ընկերներուն, ամէն կարգի հայ ցեցերուն, դաւաճաններուն, լրտեսներուն, մատնիչներուն։ Զա՜րկ, վրէ՜ժ... Եւ ի՜նչ խօլական ձեւեր կառնէր վրէժխնդրութեան տենչը... Ոչ միայն թշնամու, այլ եւ հայ մարդոց հանդէպ։ Յունօյի գլխուն մէջ նստեր է սեւեռուն գաղափար մը – Թոխմախեան լրտես մըն է, դաւաճան մը... Արսէն Թոխմախեան, Լարագի արծւիկներէն, Խրիմեանի քանքարաւոր աշակերտներէն, օր մը չարաչար կը խոշտանգւի Յունօի ձեռքով (կըսեն նոյնիսկ, թէ ողջ նետւեր է թոնիրին մէջ եւ այրուեր), որովհետեւ շշուկ մը տարածւեր էր – բնաւ չփաստուած – թէ իբր նա պաշտօն ունէր թիւրք կառավարութենէն` լրտեսելու հայ յեղափոխականները Կովկասի ու Պարսկաստանի մէջ։ Մեր բոլոր հին ընկերներէն միայն պարսաւանք լսած ենք այդ եղերական դէպքի առթիւ, որ կատարւեր է առանց վերին մարմնի գիտութեան, զուտ անձնական կամ թայֆայական հողի վրայ։
Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան, 1992, էջ 79
------
10
5. ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԿԵՐԵԿՑԵԱՆ (սպանութիւն) 1891, Կարին (Էրզրում) Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Արամ Արամեան (Աշոտ-Թաթուլ) Կազմակերպող` Էրզրումի Դաշնակցական Կեդրոնական Կոմիտէ
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
Ահա ուրիշ ոճիր մը։ Նոյն 1891 թւականին Կերեկցեանը սպանւեցաւ Էրզրումի մէջ, տեղւոյն Կեդր. Կոմիտէի որոշումով։ Սրտցաւ հայ մարդ մըն էր, մէկը 1882ին բացւած Կարնոյ գաղտնի ընկերութեան ղեկավարներէն, որ չորս տարի բանտ նստեր էր։ Անոր «յանցանքն» այն եղած էր, որ կը մերժէր հապշտապ յեղափոխական գործողութիւնները, խոհեմութիւն կը քարոզէր, կը յորդորէր երկարատեւ պատրաստութիւններ տեսնել։ «Ով մեզ հետ չէ, թշնամի է» - այսպէս խորհեր են Կերեկցեանի տաքգլուխ ընկերները, վիճակ ձգեր են եւ վիճակն ընկեր է Արամ Արամեանի վրա, որ եւ սպաներ է Կերեկցեանը։ Սարսափելին այն է, որ այդ երկու եղբայրասպան ոճիրներու հեղինակը կը հանդիսանան հայ շարժման երկու հինաւուրց դէմքեր, մէկը Յունօն, վանեցի ֆէդային` միւսը` էրզրումցի Արամեանը, Աշոտ-Թաթուլ, որ արկածալից կեանք մը ապրեցաւ ու մեռաւ 1899ին թրքական կախաղանին վրա, երեք տարւան բանտարկութենէն յետոյ։ Սպանութիւնեը կատարելէ վերջ, Աշոտը փախաւ Կովկաս, ուր եւ ամբողջ տարիներ թագնւեցաւ։ Կերեկցեանի եղբայրը երկար ատեն հետապնդեց զինքը եւ չգտնելով, սպանեց Թիֆլիզի մէջ Աշոտի մտերիմ ընկերներէն – Օքոյեանը, որ նոյն Կարնոյ Կեդր. Կոմիտէի անդամ եղած էր։ Դաշնակցութեան Կեդրոնը 1890 թւականին, Արամեանի ներկայութեան, դատապարտեց անոր քայլը եւ այդ առթիւ հրատարակեց յատուկ թռուցիկ մը։ Կեդրոնը հակառակ եղեր էր Կերեկցեանի դէմ արձակած վճռին եւ այնուամենայնիւ, Կարնոյ կոմիտէն իրագործեր էր վճիռը։ Յեղափոխական կարգապահութիւնը դեռ խիստ կը կաղար այն օրերուն։
Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան, 1992, էջ 79-80
------
11
6. ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ (սպանութիւն) 1891-ի շուրջ Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
Վերյիշենք եւ Սարկաւագի սպանութիւնը, որ նոյնպէս դժուար է արդարացնել։ Ուրիշ նման դէպքեր եւս, տարաբախտաբար, եղեր են մեր յեղափոխական շարժման ընթացքին, - անխուսափելի, աւա՜ղ, նոյնիսկ մեզմէ աւելի բարձր ազգերու մէջ։
Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան, 1992, էջ 80
------
7. ՀԱՃԻ ԿԱՐԱՊԵՏ (սպանութիւն) 1892, Շապին Գարահիսար Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Անյայտ
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԲԱԳԱՐԱՏ Տրապիզօն, 20 յունուար 1893
Արժանահաւատ աղբիւրէ կը տեղեկանանք որ Շապին Գարահիսարի մէջ գտնուող եւ վերջերս իր մատնութիւններով եւ վատ զրպարտութիւններով ամեն հայի ատելի դարձած հաճի Կարապետ անուն մի անձ նոյեմբեր 28-ի գիշերը սպանուած գտնուած է քաղքէն դուրս մէկ վայրկեան հեռաւորութեամբ ձորի մը մէջ։ Խիստ անխնայ կերպով, յօշոտուած է այդ անարժան հայը, 37 տեղէ վէրք ընդունելով իր մարմնու վրայ, լեզուն եւ շրթունքն եւս կտրած եւ երեսն ցեխով ծեփած են, ի պատիժ իր մատնութիւնների` որովք այնչափ աղէտներու պատճառ
12
էր դարձած, եւ միանգամայն պատրաստուած է եղեր աւելի ընդարձակ սահմանի մէջ գործել, տեղական թիւրք կառավարութեան թելադրութեամբ զրպարտելով եւ անհաւատարիմ ցուցնելով կարգ մը ազգայիններ` որոնցմէ աւազակ կառավարութիւնը կը յուսար այդ պատրուակով մեծամեծ գումարներ կաշառք ստանար։ Թէպէտ չէ կրցած հասնիլ նա այդ նպատակին, բայց այժմ նոյն իսկ այդ սպանութեան գործ լաւագոյն միջոց մը մատակարարած է անխիղճ պաշտօնեաներին` կեղեքելու համար շատ անմեղ հայեր, իբրեւ մասնակից կամ գիտակից այդ գործի։ Այդ անմեղ զոհերի մէջ առաջին տեղը կը բռնեն տեղւոյն պատուաւոր վաճառականներէն Գարիպեան երկու եղբայրներ` հաճի Յակովբ եւ հաճի Պաղտասար էֆէնտիներ, որոց առաջինը անդամ էր կառավարութեան Իտարէի ժողովին։ Սոքա կասկածելի դարձեր են գլխաւորաբար այն պատճառաւ որ մատնիչը իր սպանման երեկոն սոցա տունը գնացած է, ինչպէս որ շատ անգամներ գնալու սովորութիւն ունի եղեր, վասն զի տարիներ առաջ սոցա պաշտպանութիւնը վայելելով` երախտապարտ մնացեր է։ Թիւրք պաշտօնեաներ շատ աղէկ գիտեն, թէ սոքա չեն հեղինակ այդ սպանման, բայց որովհետեւ հարուստ են` այն պատճառաւ ամենայն կատաղութեամբ ծանրացած են սոցա վրայ. վասն զի Թիւրքիայի մէջ հարուստ լինելը մեծ յանցանք է, եւ ո՜վ գիտէ, ի՞նչ թանգ գնով պիտի կարենան գնել իրենց անմեղութեան վճռագիրը։ Չարամիտ պաշտօնեաներն գործին աւելի ծանր կերպարանք տալու եւ նորա համեմատութեամբ աւելի անխիղճ կերպով կողոպտելու համար` կաշխատին ներկայացնել զանոնք իբրեւ անդամ գաղտնի ընկերութիւններու։ Ասոր համար է որ ամենախիստ խուզարկութեան ենթարկուած են սոցա տունը, ամեն ծակ ու ծուկ տակն ու վրայ են ըրած. ջուրի, քացախի եւ քացախատուներու կարասներն անգամ դատարկեր են` անոնց մէջ պահուած վառօդ կամ զէնք գտնել կարծելով, բայց ոչինչ չեն գտած։ Մութասարըֆէն սկսեալ մինչեւ յետին գրագիրը, մինչեւ յետին ոստիկանը ուրիշ բազմաթիւ անպաշտօնական անձեր ալ հետերնին առած` կատաղաբար այնտեղ խուժելէ յետոյ, յուսախաբ եւ ձեռնունայն դառնա՜լ – անտանելի բան էր, ուստի սաստիկ կատաղած է թիւրք կառավարութիւնը եւ ամեն սպառնալիք գործ է դրած, նոյն իսկ վեց թիւրք անձերի դէմ, որք նոյն երեկոյ իբրեւ հիւր Գարիպեանց տունը գտնուելով` բանտարկուեր են, որպէս զի սոքա վկայութիւն տան, թէ այդ տան մէջ գործուած է սպանութիւնը եւ ապա դուրս նետուած դիակը։ Մութասարըֆը եւ գայմագամք մինչեւ անգամ 50 ոսկի խոստացեր են այս գիւղացի տաճիկներուն այդ զրպարտութիւնը անելու համար. բայց ուղղամիտ հիւրերը մերժեր են սուտ խօսել, եւ իրենց մարգարէի ու գուրանի վրայ երդուեր են, թէ ինքեանք լաւ գիտեն որ այդ գործի տէրը չեն նոքա։ Բայց ո՞վ է մտիկ ընողը. կառավարութեան փափագն է կերպով մը հաստատել յանցանքը նոցա վերայ։ Այս պարկեշտ պաշտօնեաներն են, որ ուրիշ հայի մը հինգ ոսկի են խոստացեր, որպէս զի սա զրպարտէ իրենց ատելի դարձած հարուստ հայի մը` թէ արգիլուած
13
զէնքեր ունի իր մօտ, որ այս պատրուակով այն ալ մօրէ մերկ դարձնեն։ Բայց հայը մերժեր է այդ առաջարկ, երեւի խրատուելով միւս մատնիչի անցքէն։ Այս լիրբ պաշտօնեաներն են որ հարիւր մէճիտ կը պահանջեն բանտէն արձակելու կից լինելու յանցանքին համար բանտարկուելով, կը բռնադատուին իրենց չը գիտցածը խոստովանելու։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 19 Ապրիլ 1892, հինգերորդ տարի, թիւ 4, էջ 29-30
------
8. ԱՇԸԳԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ (մահափորձ) 25 Մարտ 1894, Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Յակոբ (Հնչակեան)
ՅԱՆԴՈՒԳՆ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ ԱՇԸԳԵԱՆ ԽՈՐԷՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
ԿԱՑԻՆ Կ. Պօլիս, 15 մարտ 1894
Մարտ 13-25-ի կիրակի առաւօտուն Աշըգեան Խորէն պատրիարք ԳումԳաբուի մայր եկեղեցին իջած էր մեծ պահքի առթիւ քարոզելու։ Եկեղեցական արարողութիւնը աւարտելէն յետոյ պատրիարքը այցելութիւն տուաւ տեղւոյն նորընտիր թաղական խորհրդին եւ շնորհաւորեց անոնց պաշտօնը։ Այն ինչ խորհրդարանէն դուրս կելլէր` մայր եկեղեցւոյ բակին եւ փողոցի արտաքին դրան նրբանցքին մէջ` քսան տարեկան վառվռուն երիտասարդ մը իր դէմ ելաւ, ճամբան կտրեց եւ երկվայրկեանի մը մէջ Գարատաղի խոշոր վեցհարուածեան մը ուղղելով ճակտին` բլդակը քաշեց... Այս միջոցին եկեղեցւոյ բակն գտնուող բազմութիւնը սրտայոյզ եւ տենդոտ լռութեան մը մէջ արձանացած կը կենար։ Հրազէնը սակայն կրակ չառաւ, եւ երիտասարդը երկրորդ եւ երրորդ անգամն բլդակը ուժգին քաշեց. վեցհարուածեանը շարունակ կը յամառէր կրակ առնել, որովհետեւ մոռցած էր երկաթը մէջէն հանել։ Երբ խնդիրն հասկցաւ երիտասարդն` ալ ուշ էր. այն ժամանակ քրտինքի դայլակներ սկսան հոսել նորա յուսակըտուր ճակտէն ու այտերէն` որ ջղաձգական շարժումով մը հրազէնը առաւ նետեց ժողովուրդին մէջ. առիւծի մռնչիւնով մը գոռալով` «Անիծեա՜լ զէնք, ամբողջ աւիւնս, ամբողջ իդէալս քար ու քանդ ըրիր։ Գիտցի՛ր, ո՜վ պատրիարք
14
դաւաճան, որ այն ապերախտ զէնքին գնդակներէն առաջինը քեզի եւ երկրորդը ինծի համար էր...»։ Հազիւ այս խօսքերը վերջացուցած էր եւ ահա զինւորներն ու ոստիկանները հասան եւ երիտասարդին թեւերը ետին պրկելով ու կապելով` հոն տեղւոյն վրայ նախնական հարցաքննութեան մը ենթարկեցին։ - Ո՞ր տեղացի ես։ - Կիպրոսցի։ - Ինչո՞ւ Պօլիս եկար։ - Պատրիարքը սպաննելու համար։ - Նա քեզ ի՞նչ ըրած էր։ - Ինծի անհատապէս ոչինչ, բայց ամբողջ ազգին վնասած, հայրենիքին դաւաճանած էր. ազգին առաջին մատնիչն է անիկա... Ափսո՜ս որ չը յաջողեցայ... Ոստիկանները այսչափը բաւական համարեցին եւ աճապարանօք անունն իսկ մոռացան հարցունելու եւ ուղղակի Եըլտըզի պալատը փոխադրեցին իրենց զոհը, ուր սուլթանը անձամբ պիտի հարցաքննէ զայն... Ասդին ուրիշ տեսարան. երբ պատրիարքը իր ճակտին վրայ զգաց վեցհարւածեանի փողին պաղութիւնը` ետ ետ ընկրկեցաւ, գաւազանը ձեռքէն ինկաւ ու կտոր կտոր եղաւ եւ ինքը նուաղելով կռնակի վրայ վար ինկաւ. Սթափեցուցին եւ ուզեցին պատրիարքարան փոխադրել բայց ինքը սարսափահար մերժեց եւ նախամեծար համարեց թաղ. Խորհրդի անդամներէն Արզեան Մանուկի տունը ապաստանիլ։ Կէս օրուան կառախմբով վերադարձաւ իր բնակարանը Մաքրիգիւղ, իր սպասաւորին, պատրիարքարանին մէջ բարապանին, Արզեան Մանուկի եւ ուրիշ թաղականի մը ընկերակցութեամբ։ Անմիջապէս հեռագրաւ իրեն կանչեց Քաղ. ժողովի դաւաճան ատենապետ Մաքսուտ Սիմոն պէյը եւ անոր յայտարարեց թէ պատրիարքութենէ վերջնապէս կը հրաժարի... Գիշերը պատրիարքը շատ անհանգիստ անցուց. երկու անգամ ջղաձգութիւն եկաւ վրան եւ հարկադրուեցան բժիշկ կանչել։ Երեկ մինչեւ երեկոյ Գում-Գաբուի թաղը ողողուած էր անհամար լրտեսներով, ոստիկաններով, զինւորներով, հեծելազօրքով... Սպանութեան այս յանդուգն այլ ձախող փորձը ամբողջ քաղաքին մէջ, նոյն իսկ ամենէն հեռաւոր անկիւններն ու արուարձանները, ժամուան մը մէջ տարածուեցաւ. մարդկային բերաններ հեռագրի տեղ կը ծառայէին։ Տիրող հետաքրքրութիւնը եւ սրտայուզութիւնը աննկարագրելի է...։ Կ. Պօլիս, 22 մարտ 1894
Պատրիարքը գրեթէ բնաւ տունէն դուրս ելած չունի. իրիկունները շատ անգամ ջղային տագնապ կունենայ եւ կը հարկադրուի գիշերանց բժիշկ կանչել. մէկ անգամ Եըլտըզի պալատը գնաց իբր թէ հրաժարական մատուցանելու, բայց
15
սուլթանի քարտուղարը զինքը ապահովցուց թէ ո՛ եւ է վտանգ անցած է այլ եւս, որովհետեւ իր անձը շրջապատուած ու պահպանուած է այսուհետեւ լրտեսներով ու ոստիկաններով։ Պատրիարքը այս յայտարարութեան համոզուած կերեւայ։ - Սպանութեան փորձին օրը, սպանութեան փորձն ընողին ձեռքերը բռնելով ետին պրկողը առաջին անգամ հայ մը եղած է, Ճանիկ անունով. այս մարդը հսկայ եւ քաջ մարդ մըն է, անկեղծ ու բարի, բայց միեւնոյն ատեն տգէտ ու իր ըրածին նշանակութիւնը ըմբռնելու անկարող։ Ժամանակաւ Ազգ. Հիւանդանոցի յիմարապետն էր եւ հիմայ պարապ կը պտտի. պատրիարքը երեսուն ոսկի պարգեւ տուեր է իրեն։ Եթէ այս մարդը չըլլար` յանդուգն երիտասարդը կրնար փախչիլ, որովհետեւ ոստիկանք բաւական ուշ հասած են։ Երիտասարդին անունն է Յակոբ. Տիգրանակերտցի է եւ Կիպրոսցի ըլլալու մասին ըրած յայտարարութիւնը կեղծ է. ինքը հարցաքննութեան պահուն բաւական քաջ պատասխաններ տուած է. յայտարարած է թէ Հնչակեան մըն է եւ եթէ ինքը չը յաջողեցաւ, իր ընկերները պիտի ապահովապէս յաջողին պատրիարքը սպաննելու, ա՛յն պատրիարքը` որ ազգը դաւաճանեց։ Այժմ կեդրօնական բանտը կը գտնուի, յատուկ խցիկի մէջ, երկու մասնաւոր պահակներով։ 30-40 անձինք ձերբակալուեցան այս առթիւ, բայց կառավարութիւնը չը յաջողեցաւ իր փնտռած Հնչակեանները գտնել եւ հարկադրուեցաւ ձերբակալուածներէն մեծագոյն մասը արձակել, մեծ շնորհ մը ըրածի պէս յանձնարարելով որ երթան թագաւորին կենացը համար աղօթեն։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 10 Ապրիլ 1894 (հ. տ.), եօթերորդ տարի, թիւ 5, էջ 35-36
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԹԻՒՔՐԻԱՅԻՑ
ԿԱՑԻՆ Կ. Պօլիս, 14 Ապրիլ 1894
Պատրիարքին վրայ սպանութեան փորձ անող Յակոբը տակաւին Կենդրօնական բանտն է, ուր խիստ տանջանքներու կենթարկեն զինքը։ Հարցաքննութիւնների մէջ իր առաջին ըսածները միշտ կը կրկնէ։ Յակոբի գործի պատճառաւ շատ մը ձերբակազութիւն տեղի ունեցաւ, որոց մէկ մասը անպարտ արձակուած են. միւսները դեռ բանտն են։ Հրաման գացած է Կեսարիա` շղթայակապ Կ. Պօլիս բերելու շաքարագործ մը, որուն քով ժամանակաւ աշակերտութիւն ըրած է եղեր Յակոբ։ Պատրիարքը տակաին իր նախկին կէս հիւանդ վիճակի մէջ է։ Այդ թշուառականին հրաժարականը մտադրութիւն կայ ընդունվելու, կըսուի։ Սուլ-
16
թանը մտածեր է թէ հայկական խնդրի բոլոր մեծ ու փոքր դէպքերը Աշըգեանի օրով պատահեցան եւ թէ այդ կղերականը սաստիկ կը զայրացնէ յեղափոխականները, հետեւաբար թերեւս այլ եւս չը պատահին, եթէ անոր տեղ մէկ ուրիշը պաշտօնի կոչուի։ Բայց միւս կողմէն հզօր անձինք կը ջանան համոզել սուլթանը չանել այդ քայլը, զի զիջանած կըլլայ յեղափոխական ռէվօլվէրի ձայնին։ Խօսք կայ, որ Ազգային Երեսփ. Ժողովին մի անգամ եւ եթ թոյլտուութիւն պիտի տրուի գումարուելու, որպէսզի նոր պատրիարքի եւ նոր Քաղ. Ժողովի ընտրութեան ձեռնարկուի։ Աւելորդ է ըսել թէ, երբ Ազգ. Ժողովի գումարման հաւանութիւն տրուի, երեսփոխանութեան վրայ անուղղակի ճնշում պիտի բանեցնեն «Աշըգեան քաղաքականութիւնով» մէկը ընդունելու։ Երեսփոխան կոչուած վախկոտ ու զէվզէկ անձերուն, ի հարկէ, վճռական ժամուն պիտի պակսի բարոյական ու քաղաքացիական արիասրտութիւնը, որ ատոնց համար խիստ օտար եւ խորթ բան մըն է...։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 30 Ապրիլ 1894 (հ. տ.), եօթերորդ տարի, թիւ 6, էջ 43
------
9. ՄԱՔՍՈՒՏ ՍԻՄՕՆ ՊԷՅ (մահափորձ) 22 Մայիս 1894, Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Ստեփան եւ Թագւոր Կազմակերպող` Պոլսոյ Հնչակեան Կուսակցութեան Մասնաճիւղի Վարչական Ժողով
ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻՑ ՏԵՌՕՐԱԿԱՆ ՄԻ ՄԵԾ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԱԳՍՈՒՏ ՍԻՄՕՆ ՊԷՅ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ
ԿԱՑԻՆ Կ. Պօլիս, 10 մայիս 1894
Այսօր երեքշաբթի 10-22 մայիս, առաւօտեան ժամը ը. թ. 3-ի (ը. ե. 10 եւ կէս) միջոցները, երկու անծանօթ մարդիկ, որոնք բեռնակրի հագուստներ հագած էին, Ղալաթիոյ հրապարակին վրայ, Խաւեար խանի մօտ յարձակեցան Քաղաքական Ժողովի Ատենապետ Մագսուտ Սիմօն Պէյի վրայ, եւ անոնցմէ մին դաշոյնով
17
վիրաւորեց նորա կուրծքը, միւսն ալ րէվօլվէրի հարուած մը պարպեց. գնդակը դպաւ ազդրէն քիչ վեր։ Փախուստ տուած ժամանակնին երկու երիտասարդներն ալ բռնուեցան եւ անմիջապէս տարուեցան պալատ։ Սիմօն պէյ արիւնլուայ գետին ինկած էր։ Ահագին բազմութիւն խռնուեցաւ անմիջապէս։ Սուլթանը իր լրտեսապետը եւ բազմաթիւ լրտեսներ ու ոստիկաններ, կառավարական բարձարստիճան պաշտօնատարներ փութացուց գործողութեան վայրը։ Դաւաճան մատնիչապետին վիրաւորման լուրը խիստ մեծ եւ խոր տպաւորութիւն թողած է բոլոր շրջանակներուն վրայ։ Մանրամասնութիւնները յառաջիկային։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 20 Մայիս 1894 (հ. տ.), եօթերորդ տարի, թիւ 7, էջ 51
ՎԵՐՋԻՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՔՍՈՒՏ ՍԻՄՕՆ ՊԷՅԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԻ ՄԱՍԻՆ
ԿԱՑԻՆ Կ. Պօլիս, 12 մայիս, 1894
Նախորդ նամակաւս խոստացած էի ձեզ գրել Մաքսուտ Սիմօն պէյի սպանութեան փորձի մանրամասնութեան մասին, ներկայիւս կուգամ հաղորդել զայն։ Սպանիչներն են Ստեփան եւ Թագւոր, երկու Սեբաստացիներ (տեղական թերթերը սխալմամբ Թադէոս գրած են)։ Նազըմ պէյը լուր առածին պէս սպանութեան վայրը փութացած եւ հոն Մաքսուտի ճակատը համբուրած է... Հոն խռնուող բազմութեան դառնալով` Նազըմ պէյը չափազանց գոված է Մաքսուտ պէյի հանճարը։ Նազըմի այդ ծառայ Մաքսուտ Սիմօն պէյը նոյն պահուն հառաչելով իր եղբօրը Սեպուհ պէյին կտակ ըրած է, որ բնաւ ազգային գործերով չզբաղի եւ ինքզինքը օրինակ ցոյց տուեր է, թէ ինչպէ՜ս զոհ կըլլայ ազգին... Մաքսուտի վիճակն այնչափ ծանր չէ. հաւանօրէն կազատի, թէպէտ իր ցաւերը այնչափ զինքը կը չարչարեն, որ «երանի՜ թէ, ըսեր է, մէկ հարուածով զիս սպաննէին, փոխանակ այսպէս չարչարուելու»։ Սիմօն պէյ ուզած է, այս դէպքին վրայ, բոլոր հայ հաստատութիւններուն եւ հայ պաշտօնական անձանց հետ իր յարաբերութիւնները խզել։ Իր տղան, որ Ազգ. Կեդր. Վարժարան կը յաճախէ` տուն կանչած է եւ հրամայած, որ այլ եւս հայու վարժարան չերթայ։ Երէկ ուզած էին երկու սպանիչներն իրեն ցոյց տալ, որպէս զի ատոնց նոյնութիւնը հաստատեն (թէպէտ անոնք ուրացած չէին), բայց Սիմօն պէյ չէ ուզած զանոնք տեսնել։ Նազըմ պէյը հայ լրտես մը ղրկած էր Մաքսուտի տունը` անոր որպիսութիւնը հարցնելու համար, Սիմօն պէյ գէշ ընունելութիւն
18
ըրած է անոր։ Պատրիարքը` սպանութեան փորձը ի Մաքրիգիւղ իր տան մէջ լսելով, այլ յայլմէ եղեր եւ շատ յուզուելով նուաղումներ ունեցեր է... Մաքսուտի վիրաւորուելովը Քաղ. Ժողովը եւ իրեն հետ միատեղ միւս օժանդակ ժողովները կը քաշուին ասպարէզէն։ Քաղաքս վերջին ծայր յուզուած է։ Ամբողջ ոստիկանութիւնն ոտքի վրայ է, լրտեսներն ամեն կողմ կը վխտան. քանի մը ձերբակալութիւններ եղան. կառավարութիւնը երկիւղ ունի նորանոր դէպքերի...։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 20 Մայիս 1894 (հ. տ.), եօթերորդ տարի, թիւ 7, էջ 55-56
ՄԱՔՍՈՒՏ ՍԻՄՕՆ ՊԷՅ
ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ Կ. ՊՕԼՍՈՅ
Մարմնական հիւանդութիւններ կան, որոնք ծածուկէն, ներսի դիէն, համրընթաց` այլ ապահով կերպով ամբողջ առողջական դրութիւնը կը խանգարեն, կը զեղծանեն։ Այսպիսի հիւանդութիւններ շատ աւելի վտանգաւոր են, քան այնպիսիները` որոնց բնութիւնը յայտնի է եւ որոնց դէմ կարելի է զգուշական միջոցներ ձեռք առնել։ Մեզ նման հասարակութիւններ եւս ունեցած են եւ ունեն այսօրինակ բարոյական հիւանդութիւններ, բարոյական մեծ թշնամիներ, որոնք շատ կանուխ սկսած են իրենց աւերիչ ազդեցութիւնն ունենալ հանրային ամեն տեսակ գործերու մէջ, կարելի եղածին չափ ծածուկէն, մութին մէջ գործելով, աշխատելով առաքինութեան շպար մը տալ իրենց ամենէն անհեթեթ ոճիրներուն, աննշան նիւթական նուիրատուութիւններու մէջ խեղդելով անմեղներու արեան բողոքը։ Այս կարգի անձնաւորութիւնք, եսականութեան մարմնացած տիպարներ, ամեն միջոց լաւ կը նկատեն հասնելու համար իրենց փառասիրական, շահասիրական գծուծ նպատակներուն. իրենց անտաշ միտքը եւ կոպիտ զգացումները, զուրկ բարձր բարոյականի յղկումներէն, չեն կարող իսկ ըմբռնել մեծամասնութեան օգտին, ընդհանրութեան շահուն գաղափարը։ Իրենց վայրագ բնազդներուն եւ իրենցմէ զօրաւոր բռնակալի մը հրամաններուն անձնատուր, այս մարդիկը քար ու քանդ, աւեր կը սփռեն չորս կողմը` ուրիշներու արցունքներուն եւ ողբերուն հանդէպ ականջնին խուլցնելով եւ իրենց կործանած թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական գանձերուն վրայ բարձրացնելով իրենց ոսկւոյ տաճարները։ Քուրդը, Կիւրճին ու Չէրքէզն այսպիսիներու քով պզտիկ ոճրագործներ են միայն. անոնք շատ անգամ ոճիր կը գործեն իրենց միջավայրէն, շուրջը գտնուած բազմատեսակ
19
պարագաներէն մղվելով, մինչեւ մէկ աստիճան տեսակ մը բնազդական, անգիտակից գործողութիւն կայ անոնց մէջ։ Անոնք կը գործեն բացէ ի բաց, լոյս օրին, զէնք ի ձեռին եւ միջոց կընծայեն քեզ զէնքով ինքզինքդ իրենց աւարառութեան եւ ոճիրներուն դէմ պաշտպանելու։ Ասոնք կը գործեն մութին մէջ, կը պահուըտին խաւարտչին անկիւններ եւ երբ իրենց քովէն կանցնիս` վրադ կը յարձակին, քեզ զինաթափ կընեն կը սպաննեն. անոնք համարձակ աւազակներ են, ասոնք` վատ մարդասպաններ։ Եւ այն օրը որ ժողովուրդը իր այս մեծ թշնամիներուն ձեռքէն կազատի` ա՛յն օրը երկա՜ր, խորո՜ւնկ շունչ մը առած կըլլայ, զի այն օրը իր թոքերուն ամենէն խոշոր վէրքերէն մին կը սպիանայ։ * * * Ահա այսպիսի մէկն եղած է Մաքսուտ Սիմօն պէյ մեր ազգին համար։ Ամիրաներու այն հին ընտանիքին կը պատկանի, որոնք մէյմէկ աւատական իշխաններ դարձած էին իրենց խեղճուկ հայրենակիցներու գլխուն։ Բոլոր այդ ամիրաները բնական օրէնքով անցան, գնացին, փճացան եւ միայն այս մարդը մնաց կանգուն, կարծես շեշտելու համար իր նախորդներուն տխուր յիշատակը եւ մեծագոյն պատուհասն ու թշնամին ըլլալու իր պատկանած հասարակութեան։ Անխոստովանելի միջոցներով ահագին հարստութեան մը տիրացած է, որու մէջ քանի քանի անմեղներու քրտինքն ու արիւնը կերթան խառնուիլ։ Եւ այդ անէծքներով, ողբ ու կոծերով, եպերելի անիրաւութիւններով համբարուած ոսկիները, որոնք հիմա տարուէ տարի առասպելական համեմատութիւններով կը ճոխանան, կառաւելուն, գէթ օր մը անօթիի մը պատառ մը հաց չեն տուած ու մուրացիկին արցունքը չեն սրբած ո եւ է ազգային, դպրոցական կամ բարենպատակ ուրիշ մի այլ հաստատութիւն չեն մինչեւ հիմա գոնէ դոյզն ինչ օգտուած այդ կրեսոսեան հարստութենէն. կարծես նախասահմանուած ըլլար, որ այդ աղտոտ միջոցներով շահուած դրամը սուրբ նպատակներու անարժան համարուի եւ գործածուի վերստին ուրիշ աղտոտ միջոցներու։ Մտաւոր ո եւ է զարգացումէ բոլորովին զուրկ` Մաքսուտ Սիմօն պէյ չէ կարող մինչեւ իսկ ամենապարզ գաղափարներ վայելուչ լեզուով մը արտայայտել. ժամանակակից մեծ դէպքերուն եւ պատմութեան հոսանքին, իմաստասիրութեանը այնչափ տգէտ է, որչափ մի ափրիկեցի, որչափ իր մեծազօր սուլթանը։ Տղայ հասակէն իր շուրջը գտնուողները զարգացուցեր են զինքը խարդախութեան, կողոպուտի եւ բազմատեսակ անիրաւութեանց մէջ։ Եւ ինքը, ճշմարիտն ըսելով, շատ ընդունակ աշակերտ եւ յուսացուածէն շատ աւելի յաջողակ վարպետ մը դարձեր է յետոյ։ Որչափ կեղտոտ եղած է իր աշխարհային կեանքը, նոյնչափ եւ աւելի կեղտոտ եղած է ընտանեկան կեանքը. այս մարդուն համար աշխարհի մէջ սուրբ բան չը կայ կարծես. տռփոտ, վաւաշոտ, ցոփ, խաղամոլ, արբեցող, ծայրայեղօրէն իգա-
20
մոլ, ահա այս եղած է իր ընտանեկան կեանքը. կատարեալ տիպար թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն եւ անմահ Րաֆֆիին «Թովմաս էֆէնտի»-ներուն...։ Եւ այս մարդն է ահա, որ սուլթանի բարձրագոյն պատուանշանները կը կրէ իր կուրծքին վրայ, այս մարդն է, որ անոր ամենաշողշողուն աստիճաններովն ու տիտղոսներովը կը փառաւորուի, այս վսեմաշուք պէյն է վերջապէս, որ, վերջին անգամ, Աշըգեանի գահակալութեան օրէն ի վեր իր ձեռքին մէջն ունէր ազգին ներքին գործերու ղեկը։ Սուլթանը լաւագոյն գործիք մը չէր կրնար ունենալ իր ձեռքը` խեղճուկ հայ ազգին անբռնաբարելի իրաւունքներն ու առանձնաշնորհումներն ոտքին տակ ճզմելու համար։ Աշըգեան եւ Սիմօն պէյ, ահա երկու հրէշներ, երկու վատեր, որոնք կը լիզեն սուլթանի ոտքերը, երկու լրտեսապետներ, որոնք հանապազ իրարու վրայ կը հսկեն, իրարմէ կը կասկածին, իրարմէ կերկնչին, բայց որոնք ազգը մատնելու, ազգը բնաջինջ ընելու համար իրարու հետ կը միաբանին, իրարմէ աւելի եռանդով կաշխատին, զիրար կը գեցազանցեն։ Պօլսի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը, որ իր բոլոր թերութիւններովն հանդերձ միակ օրինական մարմինն էր, որ կրնար ձայն բարձրացնել հայ ազգին տառապանքներուն, չարչարանքներուն, կորուստներուն դէմ, ա՛յն ժողովը, որ միակ կարող էր Սիմօն պէյերու եւ Աշըգեաններու շահատակութեանց սանձ դնել, ա՛յն ժողովը, որ ինքն եւ եթ կրնար ազգին դաւաճանները պաշտօնանկ ու խայտառակելով մատնացոյց ընել հայ հասարակութեան, - այդ ժողովը կըսենք սուլթանի աչքին փուշն եղաւ, այնպիսի սուլթանի մը` որու օրով օսմանեան սահմանադրութիւնն ու օսմանեան երեսփ. ժողովն անգամ այնքան կարճ կեանք ունեցան։ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը սպանելու դերը յանձնուեցաւ Աշըգեան պատրիարքին ու Մաքսուտ Սիմօն պէյին. երկուքն ալ սիրայօժար ընդունեցան. մին` սահմանադրութեան անվթար պահպանման համար Մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր երդում ընող պատրիարք մը, իսկ միւսը` իր իշխանութիւնը Երեսփ. Ժողովէն ստացած եւ անոր պատասխանատու վարչապետ մը։ Անգամ մը որ երեսփոխանութեան ձայնը լռեցուցին` ալ անկէ ետքը պատրիարք եւ վարչապետ սկսան մէկիկ-մէկիկ սուլթանին ծախել ազգին ամենէն կենսական իրաւունքներն ու առանձնաշնորհումներն։ Հայաստանի հարստահարեալ գաւառներէն ամեն շաբթու աղեխարշ նկարագրութիւններ կը հասնէին ի պատրիարքարան հայ ժողովրդի թշուառ կացութեան մասին։ Աշըգեանն եւ Մաքսուտ այդ նամակներու հեղինակները խռովարարներ կը կոչէին եւ անոնց պարունակութիւնը ստախօսութիւն բառով կը մկրտէին... Աշըգեան ու Մաքսուտ բոլորովին տկարացնելու համար հայ ժողովրդի բողոքոյ ու հառաչանքի ձայները, շինծու շնորհակալութեան գրեր խմբագրել կուտային ուղղեալ առ գորովագութ սուլթանն...։
21
Աշըգեան ու Մաքսուտ իրենց դիմող եւրօպացի պաշտօնական անձնաւորութիւնները կը խաբէին, յայտարարելով թէ հայ ազգը չափազանց գոհ է ընդ խնամով եւ հովանեաւ օգոստափառ սուլթանին։ Աշըգեան ու Մաքսուտ, ապագայ սերունդն եւս ապականելու հաստատ դիտաւորութեամբ, Թուրքիոյ բոլոր հայ վարժարաններն ենթարկեցին կառավարութեան անմիջական հսկողութեան տակ, բան մը որ բացարձակապէս կը հակառակէր վաղամեռիկ Սահմանադրութեան։ Աշըգեան ու Մաքսուտ, այդ դպրոցներու բարոյական կեանքն իսպառ խորտակելու համար, սիրայօժար ընդունեցան թուրք կառավարութեան կողմէ պատրաստուած դասագրքերու երկար ցուցակ մը, որոնցմէ դուրս ոչ մէկ վարժարան կարող էր ուրիշ դասագիրք գործածել։ Աշըգեան ու Մաքսուտ, իրենց ազգադաւ դիտումներուն արգելք հանդիսացող բոլոր անձնաւորութիւնները կառավարութեան մատնեցին, որպէսզի կարենան ազատ շունչով իրենց շահատակութիւնները առաջ տանիլ։ Աշըգեան ու Մաքսուտ պատժել տուին բոլոր այն անձնուրաց (որ թուով խիստ քիչ են) եկեղեցականները, որոնք իրենց հօտին շահերը պաշտպանելու կը ձեռնարկէին. իսկ ընդհակառակը պատուանշաններու ու պատիւներու արժանացուցին բոլոր այն վատշուէր եկեղեցականներն ու աշխարհականները, որոնք իրենց պէս աշխատեցան կառավարութեան գործիքներ դառնալու։ Աշըգեան ու Մաքսուտ ամենաանտարբեր աչքերով դիտեցին բոլոր այն հազարաւոր հայ բանտարկեալները, որոնք տարիներէ ի վեր առանց յանցանքի, բանտերու խոնաւ անկիւնները կը հեծեն եւ գէթ ամենադոյզն միջամտութիւն մը իսկ ընելու զիջողութիւն չըրին կառավարութեան մօտ։ Աշըգեան ու Մաքսուտ ամենամեծ թշնամիներն եղան հայ յեղափոխական գործին. աւելի մեծ թշնամիներ` քան նոյն իսկ թուրք կառավարութիւնը, աշխատեն, ջնջեն այդ մեծ ու նուիրական շարժումը եւ սակայն, այդ սահմանափակ մտքի տէր մարդիկը չը կրցին մտածել թէ իրենց եւ իրենց պաշտած կուռքին – սուլթանին – կարողութենէն շատ բարձր էր այդ շարժումը զսպել. անիկա անխուսափելի պատմական հետեւանքն էր իրերու արդի վիճակին, ընկերական արդի պայմաններուն...։ * * * Ապա, այսպիսի մարդու մը համար էր, որ Կ. Պօլսոյ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչական Ժողովը միաձայնութեամբ մահուան վճիռ արձակեց։ 13 մայիս 1894
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 10 Յունիս 1894 (հ. տ.), եօթերորդ տարի, թիւ 8, էջ 58-60
22
Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Ժ. 1891-1894
ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ
Կ. Պոլսոյ Հնչակեան Մասնաճիւղը [1894-ին] չէր ջնջուած. 1890-ի կազմակերպութիւնը, թէեւ շատ տկարացած, բայց կը շարունակէր իր գոյութիւնը։ Վարչական մարմինը զգուշաւոր ընթացքի հետեւելով չէր ուզած ո՛ եւ է գործ ընել յաջողութեան մասին առանց կատարելապէս ապահով ըլլալու։ Թիւրքիոյ մէջ Հայոց յեղափոխական ո՛ եւ է ձեռնարկ պէտք է անպատճառ առաջադրած նպատակին հասնի, ապա թէ ոչ աղիտաբեր կ’ըլլայ ազգին եւ անպայման կերպով կը ծանրացնէ ժողովրդին թշուառութիւնը։ Յաջողելու համար պէտք է որոշ նպատակ մը ունենալ, անոր հասնելու միջոցներուն ընտրութեանը մէջ չսխալիլ, եւ վստահ ըլլալ հանրային զգացումին աջակցութեանը։ Կ. Պոլսոյ Հնչակեան վարչութիւնը յաջողութեան այս երեք պայմանները կատարելապէս ապահովուած զգալէ յետոյ միայն գործելու ժամը հասած համարեց։ Հնչակեան ծրագիրն էր չդպչիլ [Աշըգեան] պատրիարքին, գիտնալով որ Խորէն պատրիարք պարզապէս վարչութիւններու անսացող պաշտօնատար մըն է. անոր տապալումը չէր կրնար կացութիւնը փոխել, ինչպէս որ փորձով ալ տեսնուեցաւ պատրիարքին հրաժարալէն ետքը, մարտէն մինչեւ մայիս. սակայն Յակոբին ինքնագլուխ գործը որով Աշըգեան հրաժարեցաւ, Հնչակեան ծրագրին գործադրութիւնը յետաձգեց` առանց ջնջելու անոր կարեւորութիւնը։ Այս միջոցին եթէ Սիմոն պէյ հեռատես գտնուելով, եւ ըսենք նաեւ բաւական ալ քաջասիրտ, հրաժարէր, եւ երեսփոխանական մարմինը գումարել տար նոր վարչութեան մը ընտրութեանը համար, անտարակոյս իրեն դէմ ո՛ եւ է ահաբեկիչ գործողութեան հարկ պիտի չի մնար։ Սիմոն պէյ սպաննուեցաւ ոչ թէ իբր հակաթուրք քաղաքականութեան մը չհետեւող, այլ իբր ազգային իրաւունքներուն, շահերուն, օրէնքներուն դէմ դաւող մը։ Ազգային ժողովը երբ 1891-ին զինքը վարչութեան անդամ ընտրեց` անշուշտ պատրիարքարանին քաղաքականութիւնը հակաթրքական ուղղութեան մէջ դնելու նպատակաւ չէր։ Սիմոն պէյ հանրածանօթ անձնաւորութիւն էր, երեսփոխանական մարմինը անոր անցեալն ու ներկան աղէկ կը ճանչնար, ու անոր քաղաքական հայեացքներուն կատարեալ գիտակցութեամբ պաշտօն կը յանձնէր, ու Սիմոն պէյին տրուած պաշտօնակիցներն ալ կը պատկանէին քաղաքական միեւնոյն դպրոցին։ Ազգին օրինաւոր երեսփոխանութենէն բղխած ընտրութիւնը պէտք էր յարգել, ու ազգը համակերպեցաւ։ Բայց Սիմոն պէյ չուզեց մինչեւ իսկ փորձել Դրան հետ հաշտարար քաղաքականութեան մը հետեւելով
23
պաշտպանել այն իրաւունքներն ու շահերը որոնց աւանդապահ ընտրուած էր. ընդհակառակը ոչ միայն կառավարական ծրագիրներուն գրկաբաց ընդ առաջ գնաց, այլ եւ ըրաւ այն ամէնը զոր իշխանութիւնը չէր սպասեր իսկ։ - Պատրիարքարանը գրեթէ միշտ կառավարական պաշտօնատարներու վարչութեան ներքեւ գտնուած է, բայց այդ պաշտօնատարներէն շատերը, կրնամ ըսել ստուար մեծամասնութիւնը, ազգային իրաւունքներուն ու շահերուն ախոյեանը կանգնած են Դրան հանդէպ, բնականաբար ճարպիկ քաղաքականութեամբ մը որ արտաքին դիւրաթեքութեան մէջ ներքնապէս հաստատամիտ կը մնար։ Սիմոն պէյ ամիրայական տան մը շարունակութիւնը, անձնապէս հարուստ, եւ ոչ ալ կառավարական պաշտօնեայ, կարող պիտի ըլլար հաշտարար բայց կորովալիր ուղղութեամբ մը թէ՛ իր ազգին մեծ ծառայութիւններ մատուցանել եւ թէ կառավարութեան, հետեւելով Սերվիչէնի, Օտեանի, եւ անոնց նմաններուն օրինակին. բայց Սիմոն պէյի կը պակսէր այն մտաւոր եւ բարոյական կարողութիւնները որոնցմով օժտուած էին այդ անձնաւորութիւնները։ Չսխալելու ապահովութիւնը պարկեշտութեան մէջ պէտք էր փնտռեր։ Սիմոն պէյի մեծ սխալներէն մէկը եղաւ պաշտօնին շարունակութիւնը հետապնդիլը, սահմանադրական շրջանին լրանալէն ետքը։ Վերջին տասը տարուան մէջ երեք անգամ վարչապետութեան կոչուած էր, 83-էն 85, 87-էն 89, եւ 91-ին. հրաժարելով 93-ին հաւանօրէն 95-ին պատրիարքարան կը վերադառնար։ Այս սպանութիւնը ոչ միայն Հայոց այլ նաեւ Թիւրքիոյ քրիստոնեայ եւ իսլամ ժողովուրդներուն վրայ փրկարար տպաւորութիւն ըրաւ. ամենքն ալ զգացին թէ հարուածը ուղղակի Եըլտըզին կը տրուէր, եւ թէ բռնապետութեան դէմ «Ա՛լ կը բաւէ» գոչող ձայն մը կը բարձրանար։ Հայ ժողովուրդը Թիւրքիոյ փրկիչը նկատուեցաւ։ Պալատը ուզեց չափաւորել հարուածին բարոյական ազդեցութիւնը. ոստիկանութեան նախարար Նազըմ պէյ փոխանակ պաշտօնանկ ըլլալու, փաշա տիտղոսը ստացաւ. սուլթանը չէր ուզեր ճանչնալ յեղափոխութեան գոյութիւնը Պոլիս։
Նոր կեանք, հանդէս ազգային, գրական, քաղաքական, Լոնտոն, 1 Օգոստոս 1898, Ա. տարի, թիւ 15, էջ 232-233
------
10. ԽԱՉԻԿ ԲԱԽԱԼԵԱՆ (սպանութիւն) 1895, Բաղէշ Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բաղէշի Կօմիտէ
24
ՄԱՏՆԻՉ ԲԱԽԱԼԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒՄԸ
Բաղէշի տեղական Դաշնակցական Կօմիտէի որոշմամբ մահի դատապարտւեցաւ Թահսի փաշայի աջ բազուկ մատնիչ Խաչիկ Բախալեանը։ Վճիռը գործադրւեցաւ ամենայն յաջողութեամբ։ Բախալեանի գործունէութեան մասին ընթերցողը մասամբ գաղափար կը կազմի ներկայ համարում տպագրած մեր ընկերոջ յիշատակարանի մի հատւածից։ Հետեւեալ համարում կը տպագրենք դրա վերաբերեալ մանրամասն թղթակցութիւնը։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Փետրուար 1895, թիւ 2, էջ 1
ՄԵՐ ԸՆԿԵՐՈՋ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԻՑ ԲՌՆԻ ՀԱՆՐԱԳԻՐ ԲԱՂԷՇՈՒՄ
Նախ քան Վանի անգլիական հիւպատոսի օգնականի Բաղէշ գալը, Բաղէշի կուսակալը պատրաստում է ինքը մի մազմաթա, որ իբր թէ հայերի (մանաւանդ Բաղէշի հայերի) խնդրանօք ինքը` կուսակալը գնաց Սասուն, ամեն ինչ կարգի գցեց եւ վերադարձաւ. իբր հայերը յայտնել են փաշային, թէ իրենք լսել են եւ հաւատացած են, որ Սասունում հայ աւազակներ կան, որոնք մեծ վնասներ են հասցնում երկրին. իբր իրենք` այդ խելօք հայերը չեն կամենում, որ իրենց աւազակ եղբայրների շնորհիւ արատաւորւած լինի վսեմաշուք սուլթանի աչքին իրենց անարատ պատիւը եւ այդ պատճառով խնդրում են «նորին բարձրապատիւ» կուսակալից պատժել խստօրէն Սասունում եւ այլ տեղ գտնւող հայ աւազակներին։ Կուսակալ փաշան այդ մազմաթան կազմելուց յետոյ ստիպում է Բաղէշի իշխաններին, որ ստորագրեն։ Ամենից առաջ ստորագրում է մի կեղտոտ հայ պաշտօնեայ Բախալեան ազգանունով։ Յետոյ տանում են ստորագրել տալու նախ Աւետիս էֆ. եւ յետոյ այլոց։ Աւետիս էֆ., երբ կարդում է այդ խայտառակ մազմաթէն, կատաղում է եւ անարգելով դուրս է անում այդ վարձկան հային իր տնից։ «Անիծած շուն, ասում է նա, երբ ենք մենք խնդրել, որ նա գնայ Սասունը քար ու քանդ անի, ե՞րբ եւ ո՞վ է սասունցոց աւազակ համարել, ե՞րբ են նրանք աւազակութիւն արել. ինչպէս որ ինքը բանտի մէջ տանջանքներով մահացրեց տասնեակ հայեր, ինչպէս որ անմեղ տեղը կախել տւեց Վարդենիսցի Մարգար վարժապետին, այնպէս էլ ինքն իր կամքով կոտորել տւեց սասունցիներին։ Ո՞վ է նրան բան խնդրել։ «Ես 80 տարեկան եմ, աւելացնում է նա, ոտս գերեզմանումն է, մահից էլ չեմ
25
վախենում։ Երբ այսօր հազարաւոր հայեր սրի ճարակ են եղել, երբ հարազատ եղբայրս Աքիայում փտում է բանտի մէջ, ես այդպիսի մի սուտ շարադրած, լիրբ մազմաթայի ստորագրե՞մ։ Աւետիս էֆ. այս համարձակ խօսքերը միւս իշխանների եւ հասարակ ժողովրդի ականջին հասնելով, սաստիկ տպաւորութիւն են գործում։ Ոչ ոք չի համաձայնւում ստորագրել։ Այդ ժամանակ մազմաթէն կուսակալը ուղարկում է Ախլաթ, պատւիրելով տեղական ղայմաղամին, որ ստիպմամբ ստորագրութիւններ հաւաքի տեղական հայերից։ Ղայմաղամը կանչում է բոլոր ռէսներին եւ ստիպում է ստորագրել։ Նոքա, իմանալով բանի էութիւնը, մերժում են ասելով, թէ ինչ նշանակութիւն կարող է ունենալ մեզ նման խեղճ արարածների ստորագրութիւնը Սուլթանի մօտ. մեզնից մեծերը կան, թող ստորագրեն, մենք էլ պատրաստ ենք։ Ղայմաղամը դիմում է այնուհետ Ախլաթ գաւառի առաջնորդին։ Սա էլ է մերժում, պատճառաբանելով, թէ իրենք կապւած են քաղաքի հետ. եթէ քաղաքը չի ստորագրել, իրենք էլ չեն կարող ստորագրել։ Կատղած ղայմաղամը բանտարկել է տալիս իսկոյն թէ վարդապետը եւ թէ 22 հասակաւոր հայեր, իբր խռովարարներ։ Բանտում վարդապետին ենթարկելով խիստ տանջանքների, ստիպում են ստորագրել. վարդապետը տանջանքներից ազատւելու համար ստիպւած ստորագրում է։ Նրան հետեւում են եւ բանտարկւած ռէսները ու միւս հայերը, որից յետոյ բոլորն էլ ազատւում են։ Ախլաթում չկայ ոչ կանոնաւոր դատարան, ոչ էլ հեռագրատուն, որպէս զի եղելութեան մասին կարելի լինի իմաց տալ, ուր հարկն է։ Ղայմաղամն իր ոստիկաններով ինչ ուզենան, այնպէս էլ կանեն. իրենք են համարեա երկրի տէրը։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Փետրուար 1895, թիւ 2, էջ 4
ՆԱՄԱԿ ԲԱՂԷՇԻՑ
Կառավարչական պաշտօնեաները` նահանգական փաշաները, գայմագամները եւ այլն, նոր պաշտօն ստանձնած ատեն իրենց «պարտաւորութիւնները» ճշտիւ կատարելու` խեղճ ժողովուրդը թալանելու, հարստահարելու, կեղեքելու համար միշտ կը փնտրեն ժողովրդի մէջէն ճարպիկ, ոչ մի սրբութիւն չճանչցող էակներ եւ ատոնց իրենց օգնական, խորհրդատու կընտրեն։ Այդ օգնականներն են, որ կը փնտրեն ամեն տեղ յաջող որս, կը լրտեսեն ամեն ինչ, կաշխատեն իրենց պետի գիրքն հաստատ պահելու, մի խօսքով` այդ ստոր, քսու անձինքն են, որ կը կազմեն երկրի մեծ չարիքներէն մինը։ Այդ գոյնի արարածներուն կը պատկանէր եւ Խաչիկ Բախալեանը, որ Սասնոյ կոտորածի հերոս հրէշ Թահսին փաշայի աջ բազուկն էր։ Ամեն տեսակ կեղեքումներ, յափշտակութիւններ, հարստահարու-
26
թիւններ եւ բանտարկութիւններ Թահսին ճիւաղը կը կատարէր մատնիչ Խաչիկի միջոցաւ։ Թահսին, ի վարձատրութիւն իր հաւատարիմ ծառայութեան, դաւաճան Խաչիկին նշանակեց բանտարկւած Կակոսեանի տեղ դատարանի անդամ։ Բախալեան չկրցաւ երկար վայելել իր այդ նոր պաշտօնը. նա շուտով մահի դատապարտւեցաւ տեղական Դաշնակցական կօմիտէի որոշմամբ իր բազում անխոստովանելի մեղաց, մատնութեանց եւ լրտեսութեանց համար եւ մահւան պատիժը գործադրւեցաւ ամենայն յաջողութեամբ։ Մենք սխալմամբ գրած էինք մեր անցեալ թղթակցութեան մէջ, թէ գազան Թահսին Բիթլիսէն եւ վիլայէթէն կորզած է այլ եւ այլ միջոցներով 8500 ոսկի, որ պէտք լինէր 28500, եւ այս բոլոր կեղեքումները կատարւած են մատնիչ, դաւաճան Խաչիկի եւ ընկերներու ձեռամբ։ Սասնոյ կոտորածէն ետքը, երբ այս զարհուրելի կոտորածի մասին եւրոպական մամուլը բազմաթիւ յօդւածներով յուզեց ամբողջ եւրոպական հասարակութիւնները եւ զայրոյթ առաջ բերաւ ու գազան սուլթանը իր փշրւած գահոյկի վրայ, սասանեցաւ անմիջապէս հեռագրւեցաւ Թահսինին, որ Բիթլիսի երեւելիներու ստորագրութեամբ հերքւին եւրոպական հրատարակութիւնները, հաստատւին Բիթլիսի, Մուշի, Սասնոյ մէջ տիրող անդորրութիւնն, խաղաղութիւնը եւ վայելած անդորրութեան համար հաւատարմութեան ու շնորհակալութեան ուղերձներ մատուցանեն սուլթանին փշրւած կայսրական գահոյից առջեւ։ Թահսինը երբ Բիթլիսի մէջ ձեռնարկեց մատնիչ Խաչիկի եւ ընկերներու հետ յիշեալ հանրագրութեան ուղերձի պատրաստութեան, հանդիպեց սաստիկ հանդիմանութեան։ Ոչ միայն Բիթլիսի հայ երեւելի վաճառականքը անվախ եւ համարձակ կերպով մերժեցին իրենց ստորագրութիւնը դնել թուրքական յայտնի ոճով կազմւած հանրագրական թուղթին, այլ եւ բողոքեցին նոյն իսկ թուրքական դատարաններու անւանական հայ դատաւորները, եւ հետեւելով միւս հայ երեւելիներուն իրենք ալ չստորագրւեցան։ Հրէշ Թահսին կատաղած, փրփրած այս համարձակ յանդուգն դիմադրութենէն, սկսաւ աջ ու ձախ սպառնալիքներ արձակել, որ եթէ չստորագրեն, բոլորին բանտերու մէջ շղթայակապ կը փտեցունէ, տուներնին աւարի կը տայ եւ ընտանիքնին մեծով-պստկով աքսոր կուղարկի եւ այլն։ Թահսին արդէն իմացած էր իր լրտեսներու եւ լրտեսապետ Խաչիկի միջոցով, որ յիշեալ անձերը Բ. Դուռը իմացուցած, բողոքած են իր կեղեքումներու դէմ եւ առիթի մը կսպասէր իր թոյնը, իր կատաղութիւնը թափել յիշեալ երեւելիներու վրայ։ Օգուտ քաղելով այս առիթէն, ճիւաղ Թահսին վերջապէս յայտնեց, որ շատ լաւ յայտնի են Բ. Դուռը իրեն դէմ ըրած բողոքները եւ եթէ կուզեն ապրել, իրենց ընտանիքները փրկել եւ ներողութեան արժանանալ, իրենց միայն մէկ միջոց կայ, այն է` առանց այլեւայլութեան ստորագրել հանրագրութեան թղթի տակ։ Երեւելիները, Թահսինին բոլորովին անսպասելի յանդգնութեամբ, նորէն մերժեցին ստորագրութեան թղթի տակ իրենց ստորագրութիւնը դնել։ Այս մերժման վրայ
27
Թահսին բոլորովին դիւահարած` սկսաւ անլուր հայհոյանքներ տեղալ հայոց ազգի, կրօնի, հաւատքի, ընտանիքի դէմ եւ ապա հրամայեց բոլորին բանտարկել։ Եւ ցարդ Բիթլիսի բանտին մէջ Թահսինի հրամանով բանտարկւած են Բիթլիսի բոլոր հայ երեւելիները։ Հայ ժողովուրդը քաջալերւած երեւելիներու ցուցած դիմադրութեամբ, ինքն եւս մերժեց ստորագրել, որով Թահսին հրէշն ամօթահար եւ յուսահատած հանրագրական ձեռնարկէն ետ կայնեցաւ, փոխեց իր թուրքական դիւանագիտութիւնը եւ սկսաւ քաղցրութեամբ համոզել, բայց նորէն չյաջողեցաւ եւ խայտառակւեցաւ, որովհետեւ բանտարկեալները նոյն համարձակութեամբ դարձեալ մերժեցին եւ իրենց որոշման վրայ հաստատ մնացին։ Բիթլիսի եւ շրջակայից հայոց վիճակը կատարելապէս դժոխք է։ Ամեն վայրկեան կը վախցւի, որ թուրք զօրքը եւ ամբոխը միացած կառավարութեան պաշտօնեաներու, համիդիէ հեծելագնտի հետ կը յարձակին եւ կը կոտորին հայերուս։ Թուրք խուժանի կատաղութիւնը գրգռումը, շնորհիւ կառավարութեան, իւր գագաթնակէտին հասած է։ Առեւտուրը կատարելապէս դադրած է։ Ամենուրեք կատարեալ ահ եւ սարսափ տիրած է։ Քաղաքի եւ գիւղերու միջեւ յարաբերութիւնը բոլորովին դադրած է. յարաբերութիւնքը դադրած է եւ գիւղերու միջեւ։ Ամբողջ Բիթլիսի, Մուշի վիլայեթի մէջ կը թագաւորէ դառն աղքատութիւն եւ թշւառութիւն։ Մուրացիքները անթիւ են։ Անօթութենէն եւ ցուրտէն մեռնողները պակաս չեն ըլլար։ Հայն օր աւուր կը նւաղի։ Արդէն երկրի մէջ ստակ ալ չի գտնւիր, որովհետեւ եղած չեղածը Թահսինը եւ մէկալ կառավարական կաշառակեր եւ կեղեքիչ պաշտօնեաները յափշտակեցին, թալանեցին, դառն աղքատութեան դուռը հասցրին ամբողջ ժողովուրդը... այս անողորմ, անօրէն կեղեքիչները վամպիրի նման ծծեցին, քամեցին հայերուն մինչեւ վերջին աստիճան եւ տնտեսապէս սպառեցին, սպանեցին, կործանեցին ամբողջ հայութիւնը։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մարտ 1895, թիւ 3, էջ 3-4
------
11. ԱՐՏԱՇԷՍ (սպանութիւն) 15 Ապրիլ 1895, Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կօմիտէի խումբերէն Թ-ի ահաբեկիչներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կօմիտէ
ԼՐՏԵՍ ԱՐՏԱՇԷՍԻ ՍՊԱՆՈՒՄԸ
28
Կ. Պօլսի Կօմիտէի որոշմամբ մահի դատապարտւեցաւ լրտես Արտաշէսը։
Վճիռը գործադրւեցաւ ամենայն յաջողութեամբ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս 1895, թիւ 6, էջ 1
ՆԱՄԱԿ ՊՕԼՍԻՑ
Արտաշէսը բնիկ պօլսեցի էր եւ ոստիկանութեան լրտես ու յայտնի մատնիչ։ Լրտես Արտաշէսը իր շահատակութեան գլխաւոր ասպարէզ ընտրած էր խեղճերու, արհեստաւոր եւ մշակ դասակարգի հասարակութիւնը, որուն կը հետապնդէր ամեն տեղ, սրճարաններու մէջ, թէ արհեստանոցները, հանրային զւարճութեան վայրերէն սկսած մինչեւ խաներու մութ անկիւնները, ուր կապաստանի պանդուխտ հայաստանցին։ Իբրեւ մասնագէտ լրտես, իր գործին տէրն էր այդ գարշելին եւ յոյժ վտանգաւոր, որովհետեւ հոգեբանութիւնը միջոց ընտրած էր իր քստմնելի ձեռնարկութեան մէջ։ Անգամ մը, որ իր որսին հոտը կառնէր, ա՛լ անիկայ կորսուած էր. շատ հեռւէն արդէն կը նետէր իր թակարդին անտանելի պարանները։ Կսկսէր խօսակցութիւն մը, անվերջ, ուր իր խօսակցին սիրտը կը ջանար գրաւել նախ, ջանալով շահագրգռւել այն ամէն չնչին բաներով, որ անոր սիրելի ըլլալ կը թւին։ Խեղճ մարդուն սիրտը կը տաքնայ կամաց կամաց վատահոգի Ատաշէսին վրայ, մինչ լրտեսը իր ճարտար հարցումներով հեռուն կը տանի անփորձ մարդը, դէպի անոր գործերը, դէպի հայրենիքը եւ վերջապէս դէպի անոր սրտին խորքերը, անոր հոգուն թագստոցը սպրտելու համար... Եւ պարզամիտ պանդուխտ հայաստանցիները` խաբւելով գարշելի լրտեսի քաղցր, անոյշ լեզւէն, կը բացւէին, գաղտնիքներ կը հաղորդէին, յայտնութիւններ կանէին եւ հետեւեալ օրը կամ քանի մը օր յետոյ կերթային բանտերու, մութ ու խոնաւ բանտերու մէջ քաւելու իրենց մեղքերը, առանց հասկանալու թէ իրենց մատնողը, ձերբակալել տւողը իրենց բարեկամ Արտաշէսն էր։ Եւ եթէ պզտիկ կասկած մըն ալ ունէին, այն էլ կը փարատէր դժոխքի ծնունդ Արտաշէսը իր բանտային այցելութիւններով, կեղծ մխիթարութիւններով, սուտ կարեկցութիւններով։ Լրտես Արտաշէսն երբեմն կատաղի յեղափոխական մը կը դառնար իրեն որսերուն առջեւ, պօլսեցիներուն յատուկ պոռոտախօսութեամբ եւ կեղծ ոգեւորութեամբ շանթեր կարձակէր թուրք բռնակալութեան դէմ, անոր գարշութիւնները կը ներկայացնէր պերճախօս կերպով, ինքզինքն ալ յաճախ զոհ մը ներկայացնելով այդ հարստահարութիւններուն, կոկորդելոսի արցունքներ կը թափէր իր թշւառ եղբայրներուն վրան, եւ երկնքի օգնութիւնը սպառած համարելով, յեղափոխութեան վրայ մատնանիշ կընէր, իբրեւ միջոցի մը, որ ամենուն ալ ազատութիւն պիտի պարգեւէր։ Ինչպէս չհաւատար խեղճ մարդը, երբ այդ համոզւած տանջւած կեղծող գարշելին գրպանէն յեղափոխական թերթ մը հանէր եւ կուտար իր խօսակցին,
29
պաղատելով, որ ան ալ ուրիշներուն տար, որպէսզի սուրբ գործը արագ յառաջ դիմէ։ Քանի մը օրէն ետքը բանտերը նորէն կը լեցւէին բազմաթիւ զոհերով, որոնց բոլոր յանցանքը միամտութիւնն էր եղած։ Մասնագէտ լրտեսի այդ յատկութիւններն ու անոնց ճարտար կիրառութիւնները չէին կարող վրիպել ոստիկանութեան նախարարի օգնական արիւնկզակ Հիւսնի պէյէն. Արտաշէսը շատ շուտով սկսաւ գնահատւիլ եւ այնպիսի դիրք մը գրաւել գաղտնի ոստիկանութեան նւիրապետութեան մէջ, որ շատ ու շատ թուրքերու ալ նախանձը սկսաւ շարժիլ։ Լրտես Արտաշէսի շահատակութիւններ վերջապէս աչքի զարկին, երբ մանաւանդ զոհերն սկսան օրէ օր աւելի բազմանալ. բան մը, որ նպաստեց վերջապէս այդ պժգալի գործին հեղինակը որոնելու եւ գտնելու։ Լրտեսի այդ ստոր գործունէութիւնը մանրամասնօրէն տեղեկագրւեցաւ ու ներկայացւեցաւ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան» Պօլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէին, որ եւ իր մարտ ամսու նիստերէն մէկուն մէջ` Ի նկատի ունենալով, թէ լրտես Արտաշէսը գաղտնի ոստիկանութեան մէջ յայտնի, յարգւած, ճարպիկ եւ վստահոգի լրտես մըն է, որու ի պաշտօնէ լրտեսութիւնը անվիճելի կերպով կը հաստատւի բազմաթիւ փաստերով եւ իրողութիւններով, առանց տարակոյսի հետք մը թողնելու. Ի նկատի առնելով, որ լրտես Արտաշէսի ձեռքով բազմաթիւ ձերբակալութիւններ, խուզարկութիւններ, բանտարկութիւններ, մատնութիւններ տեղի ունեցան, մանաւանդ սկսեալ այս տարւայ յունւար ամսէն, որոնց միակ յանցաւոր ըլլալը վկաներով կը հաստատւի. Ի նկատի ունենալով, որ կեղծ յեղափոխական ձեւանալով, բազմաթիւ միամիտներ խաբած եւ դաւած է, նոյն իսկ յեղափոխական թերթեր տալով եւ խուզարկութեանց ժամանակ բոլորովին անմեղ մարդոց բնակարանները յեղափոխական թերթեր ձգած եւ անմեղ մարդոց բանտարկութեան, դատապարտութեան եւ աքսորման հեղինակ ըլլալը ու յանցաւորութիւնն կը հաստատւի բազմաթիւ փաստերով եւ վկայութիւններով. Ի նկատի ունենալով, որ լրտես, մատնիչ Արտաշէսը շնորհիւ իր ընդունակութեան, ճարպիկութեան, զարգացման եւ սրամտութեան (յատկութիւններ, որոնցմէ կատարելապէս զուրկ են թուրք լրտեսները), վերջերս կատարեալ պատուհաս մը եղած էր հայ հասարակութեան համար, Լրտես Արտաշէսը մահւան դատապարտեց Եւ այդ վճռի գործադրութիւնը յանձնեց իր իրաւասութեան ներքեւ գտնւող խմբերէն Թ-ի ահաբեկիչներուն։ Լրտես Արտաշէսի մահւան վճիռը ահաբեկիչները ամենայն յաջողութեամբ կատարեցին Ապրիլի 3-ին [հ.տ.], երկուշաբթի երեկոյեան ժամ 7-ին Ղալաթիա փողոցի մը մէջ։
30
Մինչդեռ լրտես Արտաշէսը մահամերձ վիրաւորւած, դաշոյնի վէրքերէն մահւան տագնապի մէջ գետինը կը տապլտկէր, ոստիկանութիւնը փութաց օգնութեան եւ մեր սիրելին հիւանդանոց փոխադրեց, ուր եւ քանի մը ժամ ետքը իր սեւ հոգին Սուլթան Համիդին աւանդեց։ Իր աւանդական սովորութեան համեմատ ոստիկանութիւնը բազմաթիւ մարդիկ ձերբակալեց, իբր ոճրի հեղինակ, ի միջի այլոց նորէն ձերբակալեց այն 8-10 անձերը, որոնց ամիս մը առաջ բանտարկել տւած էր լրտես Արտաշէսը, բայց 15 օր բանտարկութիւնէն ետքը անպարտ արձակւած էին։ Չնայելով բազմաթիւ ձերբակալութիւններուն, ոչ մէկուն վրայ կրցան ապացոյցի նշան մը գտնել։ Մահւան վճիռը գործադրող ահաբեկիչները` շնորհիւ վեհափառ սուլթանի, ազատ կը շրջին քաղաքի մէջ։»
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս 1895, թիւ 6, էջ 2-3
------
12. ՀԱՃԻ ՏԻԳՐԱՆ (մահափորձ) 2 Յունիս 1895, Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ռումբ Կօմիտէի Թ-եան խումբի ահաբեկիչներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կօմիտէ
ՊՕԼԻՍ – ԿՕՄԻՍԷՐ ՀԱՃԻ ՏԻԳՐԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒՄԸ
Սօֆիայից մեզ հեռագրում են.Յունիսի 2-ին (ն. տ.) երեկոյեան ժամը 8-ին Կ. Պօլսում դաշնակցական մի ահաբեկչի ձեռքով սպանւեցաւ նշանաւոր պօլիս-կօմիսէր ՀԱՃԻ ՏԻԳՐԱՆԸ։ Զարնողը ազատ եւ ապահով է։ Ընդհանուր սարսափ կառավարչական շրջաններում եւ մեծ ուրախութիւն ու խանդավառութիւն ժողովրդի մէջ։ Մանրամասնութիւնը նամակով։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս 1895, թիւ 7, էջ 1
31
ՈՍՏԻԿԱՆ ՀԱՃԻ ՏԻԳՐԱՆԻ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ
Կ. ՊՈԼՍԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷ
Կեդրոնական կօմիտէի մայիս 7-ի, 61-րդ նստին մէջ քննութեան ենթարկւելով այն մանրամասն տեղեկագրերը, որոնք կազմւած էին նշանաւոր հայ ոստիկան կօմիսէր հաճի Տիգրանի ամենագձուձ գործունէութեան մասին, տեսնւեցաւ, որ Հաճի Տիգրանը, որդի Ղալաթիոյ ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիի նախկին լուսարարի մը, բաւական ատեն ծառայած է նոյն տեղ հօրը պաշտօնով, ժամանակ մը սպասաւորած է նոյն եկեղեցիին քարոզչին Յովսէփ վարդ. Այվազեանի քով, եւ ապա ընդունած է սարկաւագութեան կարգը։ Ոստումով մը, որ այնքան սովորական է մեր մէջ, եկեղեցական կոչման պատրաստւող այդ գարշելին, իր ընդունակութիւններուն աւելի յարմար կը գտնէ ինքզինքը նւիրել զզւելի գործի մը, որ շատ աւելի շահաւոր կրնար ըլլալ իրեն, այն է լրտեսութեան։ Եւ հաշիւը սխալ ըրած չէր։ Տիգրանն` ի բնէ արդէն խօսու, սրամիտ, ճարպիկ, առաջին օրէն յաջողութիւն գտաւ իր նոր ընդգրկած ասպարէզին մէջ, ու այնքան պէտք պիտի ունենար հիմա իր ընդարձակ ծանօթութիւններուն, Ղալաթիոյ եւ Բերայի հայերուն, մանաւանդ կրթւած դասակարգին, որոնց հանդիպելու եւ ճանչնալու շատ առիթներ ունեցած էր Ղալաթիոյ եկեղեցիին ու խորհրդարանին մէջ, ուր կը գումարւէին Ազգային Ժողովի նստերը, ուր տեղի կունենային այլ եւ այլ խորհուրդներու գումարումները, ուր կը գտնւէր Ազգային Մատենադարանը, ուր վերջապէս, իր վարդապետի սենեակին մէջ, յաճախ տեսած էր այդ դէմքերը։ Իր գործունէութիւնը թէեւ բանուկ, բայց աչքի չէր զարկած տակաւին, երբ վրայ հասաւ տէր Սուքեասի սպանութեան փորձը Մայր եկեղեցիին մէջ։ Այդ օրը հաճի Տիգրան հոն կը գտնւէր իր պաշտօնին բերմամբ. ճանչցաւ երեք ահաբեկիչները եւ կառավարութեան մատնեց անոնք։ Այնուհետեւ ա՛լ բացւած էր իր ճամբան. ոստիկանութեան նախարարի մասնաւոր ուշադրութեան արժանացաւ հիմա, ո՛չ միայն իր մասնաւոր յատկութիւններով, որոնք գնահատելի էին լրտեսութեան գործին համար, այլ եւ իր կատարած այդ նողկալի արարքով, որ իր գործունէութեան առաջին շրջանին գլուխ գործոցն եղաւ։ Ժողովրդին համար պատուհաս մը եւ ոստիկանութեան համար գիւտ մը եղաւ հաճի Տիգրան. առաջին անգամն ըլլալով` Նազըմ փաշա անոր անձին մէջ գտաւ գործին մարդը եւ հաճի Տիգրան շուտով ոստիկան եւ ապա ոստիկանկօմիսէրի աստիճանը բարձրացաւ։
32
Ալ անկէ ետքը հաճի Տիգրանի մատը ոստիկանութեան ամեն գործի մէջ կարելի էր տեսնել։ Խուզարկութիւն մը հարկ էր ընել հայու մը տան մէջ, Պօլսի ո՛ր եւ է թաղ մը, անոր ցուցմունքներով, առաջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ կը կատարւէր։ Յամառ բանտարկեա՞լ մը պէտք էր խոստովանցնել, հաճի Տիգրանի ճարտարութեանն էր, որ դիմում կընէին։ Յեղափոխականներ որսալու կամ պատահմամբ գտնւած հետքեր բանալու եւ գաղտնի հետապնդելու գո՞րծ մը կար, սարկաւագութենէ վիժած հաճի Տիգրանն էր, որուն կը յանձնւէր այդ դժւարին ու փափուկ գործը։ Կը ծպտէ, ինչպէս ոչ ոք փորձած էր իրմէ առաջ. կեղծ ծամերով, կեղծ մօրուքով, մուրացկանի հագուստով, կառապանի տարազով, ջրհակիրի նման, վերջապէս այն ամեն կերպով, որով կրնար մուտք ունենալ ժողովրդի այլ եւ այլ խաւերուն մէջ։ Տիգրան յոգնել չէր գիտեր. իր ամբողջ մտաւոր կարողութիւնները լարած` անձնատուր էր եղած իր գործին, ուր թուրք ոստիկաններու համբաւեալ իշային տխմարութիւնը կատարեալ ասպարէզ մը կը բանար իրեն, առանց մրցորդի։ Թուրք ոստիկանութիւնը մինչեւ հիմա ունեցած չէր հաճի Տիգրանին նման հետախոյզ մը։ - Ուստի Կեդրոնական Կօմիտէն իր վերոյիշեալ մայիս 7-ի 61-դ նստին մէջ` Ի նկատի առնելով, որ ոստիկան-կօմիսէր հաճի Տիգրանին վերագրւած բոլոր յանցանքները` իբրեւ լրտեսի, իբրեւ մատնըչի, իբրեւ կառավարութեան գործիքպաշտօնեայի, անոր հնգամեայ (1890-1895) զազրելի գործունէութեան շրջանին մէջ, կատարելապէս կը հաստատւին տեղական կօմիտէներու ներկայացուցած տեղեկագրերով եւ մատնիչ հաճի Տիգրանի զոհերուն անձնական վկայութիւններով, Ոստիկան-կօմիսէր հաճի Տիգրանը մահւան դատապարտեց Եւ վճռին գործադրութիւնը յանձնեց Ռումբ կօմիտէի Թ-եան խմբի ահաբեկիչներուն։ - Մինչդեռ ահաբեկիչները կը հետեւին հաճի Տիգրանին, պատեհ առիթ մը որոնելով վճիռն ի գործ դնելու, դատապարտեալը նոր յանցանք մըն ալ աւելցուց իր բազմաթիւ ոճիրներուն. Համբարձման տօնին (մայիս 11) ժողովրդային ինքնաբուխ ցոյցին մասնակցողներէն 70 հոգիի ձերբակալումը, դէպք մը, որ կրնար շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ, եթէ միայն ոստիկանութիւնը չփութար օր առաջ արձակելու այդ մարդիկը, նոր խռովութեան եւ աւելի մեծ դժգոհութեան առիթ չտալու համար։ - Վերջապէս մայիս 21 (յունիս 2)-ին երեկոյեան ժամը 8-ին ահաբեկիչները կը հասնին Տիգրանին ետեւէն Բերայի մէջ, իր տան մօտերը։ Ահաբեկիչներէն մէկը երեք անգամ կը պարպէ ռէվօլվէրը մատնչին վրան. երրորդ հարւածին Տիգրան, որ սարսափած էր, ինքզինքը կը գտնէ եւ ինքն ալ իր րէվօլվէրը կը քաշէ ու
33
կարձակէ։ Գնդակը կը վրիպէ. ահաբեկիչներու չորրորդ գնդակը կը ջախջախէ հաճի Տիգրանի կզակը, ու լեզուն կը կտրէ. մատնիչը գետին կը տապալի, ցաւի սոսկալի ճիչ մը արձակելով։ Ոստիկանները, որոնց պահակը վճռին գործադրութեան վայրէն քանի մը քայլ միայն հեռուն կը գտնւէր, լսելով ռէվօլվէրի պայթոցները, խոհեմութիւն կը համարին երեւան չելլալ եւ սպասել քիչ մը, մինչեւ որ ահաբեկիչները կանհետին եւ մինչ ամբոխը իրենցմէ առաջ խուժած էր մատնչին հոգեւարքին վկայ գտնւելու։ Ամենքն ալ կը կարծէին, թէ մեռած է հաճի Տիգրան, ինչպէս նոյն օրը գրւեցաւ Սօֆիայի մեր թղթակցին։ Տիգրան մեռած չէ տակաւին, սակայն բժիշկները չեն յուսար թէ կապրի։ Եթէ առողջանայ իսկ` իր ջախջախւած ծնօտով, իր թլւատ լեզւով, իր խեղւած, սոսկում դէմքով յաւիտենական դատապարտութիւն մը պիտի ըլլայ բոլոր իր նմաններուն եւ մարմնացեալ պատժի մը սարսափը, որ Դամոկլէսի սուրին պէս պիտի կախւած մնայ անոնց գլխուն վերեւ։ - Հաճի Տիգրան` անկարող խօսելուն, դողդողուն ձեռքով այնչափ միայն կրցաւ գրել թղթի մը վրան, որ Համբաձման տօնին օրը իր մատնութեամբ բանտարկւածներուն մէջ, որոնք ազատ արձակւած էին, պէտք է որոնել ահաբեկիչները։ Բայց ի զո՜ւր. անմեղ մարդիկ միայն կրցան ձերբակալել. մինչ ահաբեկիչները, որոնք վճիռը գործ դրին, ազատ եւ ապահով են, շնորհիւ վեհափառ Սուլթանին, եւ նոր նմանօրինակ վճիռներ գործադրելու հրամաններու կը սպասին։ - Մատնիչը դեռ չմեռաւ, բայց սոսկալի վիճակի մէջ է. քանիցս խնդրած է, որ զինքը թունաւորեն։ Կոկորդը ծակած եւ սնունդը անկէ կը լեցնին. սնունդն է կաթ եւ ապուր։ Սոսկալի կը տանջւի։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յուլիս 1895, թիւ 8, էջ 3-4
------
13. ՄԿՐՏԻՉ ԹԻՒԹԻՒՆՃԻԷՖ (սպանութիւն) 23 Յունիս 1895 (վէրքերէն կը մահանայ 27 Յունիսին), Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Զոհ Կօմիտէի ահաբեկիչներ (ըստ Դաշնակցական աղբիւրներու) Հնչակեան Կուսակցութեան երկու թէռօրներ (ըստ Հնչակեան աղբիւրներու) Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կօմիտէ (ըստ Դաշնակցական աղբիւրներու) Հնչակեան Կուսակցութիւն (ըստ Հնչակեան աղբիւրներու)
34
ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ
Վերջին լուր Կ. Պօլսից. - «Ամսոյս (յունիս) 11/23-ին, կիրակի իրիկուն, ժամ ը.թ. 1-ին, Հնչակեան Կուսակցութեան երկու թէռօրներու ձեռքով ռէվօլվէրի երկու հարուածով մահացու կերպով գլխէն վիրաւորվեցաւ հանրածանօթ մատնիչ Մկրտիչ Թիւթիւնճիէֆ։»
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 30 Յունիս 1895, ութերորդ տարի, թիւ 9, էջ 74
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ՄԱՏՆԻՉ ՄԿՐՏԻՉ ԹԻՒԹԻՒՆՃԻԷՖ ԾԱՆՐԱՊԷՍ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ
ԿԱՑԻՆ Կ. Պօլիս, 24 յունիս 1895
Երէկ իրիկուն, կիրակի, 23 յունիս, Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ թեռօրական մի գործողութիւն կատարուեցաւ հանրածանօթ մատնիչ Մկրտիչ Թիւթիւնճիէֆի վրայ։ Ժամը ը. թ. 1-ին ատենները, Թիւթիւնճիէֆ ընթրիքն աւարտելէ յետոյ իր տանը մօտերը պտոյտ կընէր ի Կէտիկ Բաշա, երբ յանկարծ երեք անծանօթներ, ջրհանկիրի զգեստ հագած եւ գլուխնին արախջին դրած, յարձակեցան իր վրայ եւ րէվօլվէրի երկու հարուածներով կողէն ու ազդրէն խոր վէրքեր տուին։ Մատնիչն ինկաւ գետին, ծանրապէս վիրաւորված։ Թէռօրները պաղարիւնութեամբ անհետացան։ Ոստիկան զինւոր մը, որ այն կողմերը կը գտնուէր` փոխանակ անոնց ետեւէն հետապնդելու` ամենայն քաջութեամբ... սուլած է։ Չորս կողմէն ոստիկաններ կը փութան կը հասնին, բայց թէռօրները չեն յաջողիր բռնել։ Թիւթիւնճիէֆի վիճակը շատ ծանր է. բժիշկները իրենց յոյսը կտրած են եւ կըսեն թէ հազիւ կարճ ժամանակուան կեանք ունի. յորդառատ արիւն կը հոսի բերնէն եւ կատաղի աղաղակներ կարձակէ գիշեր ցորեկ։ Ժողովրդեան հրճուանքը մեծ է։ Ոստիկանութեան նախարարի օգնական Հիւսնի պէյը, մատնիչին տունը երթալով, մխիթարած է անոր ընտանիքը, յայտարարելով թէ «չարագործները» ի մօտոյ պիտի ձերբակալուին «շնորհիւ վեհ. Սուլթանին»։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան օրգան,] 15 Յուլիս 1895, ութերորդ տարի, թիւ 10, էջ 82
35
ՄԱՏՆԻՉ ՎԻՐԱԲՈՅԺ ԹԻՒԹԻՒՆՋԵՎԻ ԶԱՐԿՈՒՄՆ
Սօֆիայից մեզ հեռագրում են.Յունիսի 23-ին (ն. տ.) երեկոյեան ժամը 9-ին Կ. Պօլսում դաշնակցականները զարկեցին նշանաւոր ՄԱՏՆԻՉ վիրաբոյժ ԹԻՒԹԻՒՆՋԵՎԻՆ։ Մատնիչը մերձ ի մահ է։ Ահաբեկիչները ազատ են։ Ժողովրդի ոգեւորութիւնը անսահման է։ Անսահման է նոյնպէս թիւրք կառավարութեան սարսափը։ Կառավարչական շրջանների մէջ ընդհանուր յուզում։ Մանրամասնութիւնները նամակով։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յուլիս 1895, թիւ 8, էջ 1
ԴԱՒԱՃԱՆ Մ. ԹԻՒԹԻՒՆՃԻԷՎԻ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ
Կ. ՊՈԼՍԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷ
Կեդրոնական Կօմիտէն մայիս 7-ի իր 61-դ նստին մէջ, որ հաւաքական վճիռ մը գումարւած էր քանի մը անձերու նկատմամբ (այդ նստին մէջ էր, որ հաճի Տիգրանի մահւան վճիռը արձակւեցաւ), քննութեան ենթարկեց եւ վերահասու եղաւ այն տպագիր ստուգարաններուն (document) եւ մանրամասն տեղեկագրերուն, ներկայացւած էին նախկին յեղափոխականի մը, դաւաճան Մկրտիչ Թիւթիւնճիէվի կեանքի եւ վերջին երեք տարիներու հանրածանօթ գործունէութեան մասին։ Ուստի, ի նկատ առնելով, որ վիրաբոյժ Մկրտիչ Թիւթիւնճիէվ ոչ միայն դասալիք մը եղած է յեղափոխական բանակէն, այլ եւ կարեւոր գաղտնիքներ երեւան հանած եւ իր նախկին յեղափոխական ընկերները մատնած է, եւ թուրք ոստիկանութեան ձեռքը հզօր ու անարգ գործիք մը եղած է հայ յեղափոխականի անունն աղարտող, Կեդրոնական Կօմիտէն միաձայն մահւան դատապարտեց դաւաճան Մկրտիչ Թիւթիւնճիէվը, Վճռին գործադրութիւնը յանձնելով Զոհ Կօմիտէին ահաբեկիչներու գնդին։ - Յունիս 11 (ն. տ. 23), կիրակի երեկոյեան ժամը 9-ին Թիւթիւնճիէվ գիշերահագուստով նստած էր իր տան առջեւ (Կէտիկ փաշայի թաղ) եւ կը խօսակցէր իր տնեցիներուն եւ դրացիներուն հետ, որոնք խռնւած էին փողոցին մէջ քիչ մը մաքուր օդ ծծելու եւ զբօսնելու համար։ Յանկարծ երկու ահաբեկիչներ, ջրհանկիր հագուստով ծպտած, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը հետապնդէին Թիւթիւնճիէվը, կանգ կառնեն դաւաճանին դիմաց, եւ անոնցմէ մէկը պաղարիւնով իր ատրճանակը քաշելով կարձակէ անոր վրան։ Վերջինս ցաւի ճիչով աջ կողմին
36
վրան կիյնայ, մինչ անտին փողոցին մէջ գտնւող մարդիկ փախչող փախչողին կըլլան։ Նոյն միջոցին զափթիէ մը եւ ոստիկան մը, որոնք պատահմամբ կը գտնւէին մէկը փողոցին վերին եւ միւսը ներքին ծայրը, կծիկը կը դնեն, երբ ատրճանակի ձայնը կը լսեն։ Երկրորդ ահաբեկիչը այդ միջոցին կարձակէր իր ատրճանակն ալ, եւ երկուքը միասին կը սկսին հեռանալ, իրենց գործն աւարտած համարելով։ Կէտիկ փաշայի ոստիկանութեան պահակը շատ մօտ է վճռին գործադրութեան վայրին, սակայն ոստիկանները, երբ Թիւթիւնճիէվի զարնւելուն լուրն առին, ոչ միայն չփութացին օգնութեան հասնելու, այլ մինչեւ անգամ քիչ մը ուշացան դիտմամբ, ահաբեկիչներուն հետ դէմ դէմի չգըտնւելու համար։ Դաւաճանը զարնող քաջերն արդէն բաւական հեռացած էին, երբ ոստիկանները` միանալով գիշերապահներու եւ փողոցի մէջ պատահած մարդերու, սիրտ ըրին վերջապէս անոնց հետքով երթալու։ Ահաբեկիչները «Թաւուգ-պազար»-էն անցան «Մահմուտ-փաշա» եւ արդէն հասած էին «Մարբուճճիները», երբ հալածողներու խումբը, որ գլորւող ձիւնի գնդակի պէս, հետզհետէ ստւարացած էր, աւելի ու աւելի կը մօտենայ ահաբեկիչներուն։ Բազմաթիւ ոստիկաններ եւ գիշերապահներ, բազմութենէ քաջալերւած, կը ջոկւին հալածող խմբէն, եւ հայհոյանքներով կը դիմեն ահաբեկիչներու վրայ, ա՛լ վերջապէս ձերբակալելու յուսով։ Վճռական վայրկեանը հասած էր. «Մարբուճիներէն» անդին իրենց դրութիւնն աւելի պիտի դժւարանար եւ ահա երկու քաջերը յանդուգն փորձ մը փորձեցին. ետ դարձան եւ «Սապոնճի» խանին փողոցին մէջ կրակ տւին հալածողներուն վրան։ Փորձը սքանչելի արդիւնք ունեցաւ, առաջին գնդակն արդէն բաւեց ցիրուցան ընել այդ վախկոտ խլէզներու խումբը։ Երկու վայրկեան ետքը փողոցը պարպւած էր եւ երկու ահաբեկիչները «Հասիրճիլարի» կողմէն հանդարտ ու անվախ իրենց ճամբան շարունակեցին։ Թիւթիւնճիէվ ծանրապէս վիրաւորւած էր. գնդակներէն մէկ մխւած էր ստորին որովայնի մէջ, ուրկէ անհնարին եղաւ հանել, իսկ միւսը ազդր ծակած անցած էր։ Վճռին գործադրութեան գիշերն իսկ ոստիկանութեան նախարարի օգնական Հիւսի պէյը անձամբ եկաւ հարցաքննելու վիրաւորեալը. իսկ Նազըմ փաշա խորապէս յուզւած իր հաւատարիմ ու կարող պաշտօնեային գլուխն եկած դժբախտութեան վրայ, ծանօթ վիրաբոյժ Գամպուր օղլուն խրկեց վիրաւորեալը դարմանելու եւ մահւան ճանկէն ազատելու։ Ոստիկանութեան համար անգնահատելի ստացում մըն էր այդ դաւաճանը, եւ զարմանալի չէ, որ անոր զարնւիլը երկու յեղափոխականի ձեռքով մեծ յուզում առաջ բերաւ բոլոր շրջանակներուն մէջ եւ անմիջապէս հեռագրւեցաւ եւրոպական թերթերուն։ Սօֆիայի վրայով մեր խրկած հեռագրին մէջ ըսւած էր թէ մահամերձ է Թիւ-
37
թիւնճիէվ, եւ իրօք երկու շաբաթ չարաչար տանջւել եւ մահւան դէմ մաքառելէ ետքը, վերջապէս սատկեցաւ յունիս 27-ին։ Սուլթանը սաստիկ կատաղած Թիւթիւնճիէվի անձին դէմ կատարւած այս փորձին, որ երրորդն էր իր տեսակին մէջ (Արտաշէս, Հաճի Տիգրան), քանի մը ամիսներու միջոցին, խիստ հրամաններ տւաւ Նազըմ փաշային վճռին գործադրիչներն որոնելու եւ պատժելու։ Անթիւ ձերբակալութիւններ ամեն թաղերու մէջ։ Ոստիկանութիւնը բան մը ըրած ըլլալու համար ձերբակալեց խեղճ ջրհանկիր մը, որ ո՛չ Թիւթիւնճիէվ կրցաւ ճանչնալ եւ ո՛չ այն գինեպանը, որուն խանութին մէջ վճռին գործադրութեան նախընթաց գիշերը երկու ահաբեկիչները երեւցած էին։ Բայց ոստիկանութեան համար պատւի խնդիր մըն էր ձերբակալել գոնէ անոնցմէ մէկը, եւ ահա այլ եւ այլ սպառնալիքներով ստորագրել տւին գինեպանին թուղթ մը, որով ինքը կը վկայէր թէ ձերբակալւած ջրհանկիրը երկու ահաբեկիչներէն մէկն էր։ Այդ խայտառակ գործն անամօթաբար պաշտօնապէս ծանուցւեցաւ, թէեւ առաջուց գիտէին թէ ո՛չ ոք պիտի հաւատար։ Ջրհանկիրի հագուստով ծպտած երկու ահաբեկիչներն ալ ապահով ու ազատ են իրենց նախկին տարազին մէջ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յուլիս 1895, թիւ 9, էջ 3-4
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀՆՉԱԿԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
Կ. ՊՈԼՍԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷ
Զարմանքով կարդացինք Հնչակի թիւ 9-ին մէջ Կ. Պոլսէն խրկւած լուր մը, որուն համաձայն իբր թէ հնչակեանները զարկած ըլլան դաւաճան Թիւթիւնճեէվը, մինչդեռ Դաշնակցութեանս Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէին նախագոյն որոշումով եւ տեղական կօմիտէներէն «Զոհ»-ին ահաբեկիչներուն ձեռքով ի գործ դրւեցաւ անոր մահւան վճիռը։ Չծանրանալով այն կէտին վրայ, թէ Յեղափոխութեան տեսակէտէն կարեւորութենէ իսպառ զուրկ է յեղափոխական ո՛ր եւ է արարքի մը այս կամ այն Կուսակցութեան ձեռքով կատարւած ըլլալը, - սա չափ միայն կուզենք դիտել տալ, որ թէ՛ Դաշնակցութեան Կ. Պոլսի Կեդրոնական Կոմիտէիս եւ թէ Հնչակեան կուսակցութեան Պոլսի Մասնաճիւղին համար պատւաբեր չեն կրնար ըլլալ երբէ՛ք այդ օրինակ սխալներ ու թիւրիմացութիւնները։ Ուստի կը յուսանք թէ Հնչակի խմբագրութիւնը պիտի փութայ իր սխալն ուղղելու ստուգագոյն աղբիւրներէ առնւած անմիջական տեղեկութիւններով։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Օգոստոս 1895, թիւ 10, էջ 8
38
------
14. ԿԱՐԱՊԵՏ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ (սպանութիւն) 1 Յուլիս 1895, Մարզուան Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Անյայտ
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
X. Մարզուան, 26 յունիս 1895
Այս անգամ կուգանք նկարագրել ձեզ տէռօրական մի նշանաւոր գործողութիւն, որ տեղի ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Յունիս 19 [հ. տ.] երկուշաբթի օրը վաղ առաւօտով ժամը ը. թ. ինն եւ կէսի միջոցներին հանրածանօթ դաւաճան Կարապետ Ոսկերիչեանը կատաղի կերպով սպանված գտնվեցաւ բողոքականաց ժողովարանի դրան առջեւ։ Գործողութիւնը շատ վարպետ կերպով ի գլուխ էր ածված, յիշեալին աղօթաժողովի երթալու պահուն, վերին աստիճանի ճարպիկ, յանդուգն ու քաջասիրտ տէռօրիսթներու կողմէ։ Սպանութիւնը կատարված էր դաշոյնով եւ մարմինը սոսկալի կերպով յօշոտված, գլուխը հօրիզօնաբար մինչեւ կէս ճեղքված ականջին մէջտեղէն սկսեալ, դաշոյնի հարուած մը սրտին մխված, հարուածով մը ալ կուշտը պատառված ու աղիքները բոլորովին դուրս թափված։ Շուները եկած էին արիւնը լզելու եւ աղիքները քաշ քըշելով կտրտած էին, ամբողջ արիւնը վազելով` սալայատակը բաւականին տարածութեամբ ներկված էր, այնպէս որ մի քանի օր կառավարութիւնն անկարող եղաւ արեան հետքը կատարելապէս ոչնչացնելու։ Մարմինն այնպէս այլանդակված, անճանաչելի էր դարձած, որ նոյն իսկ իրենց հայրը չէին կրցած մէկէն ի մէկ ճանչնալ իր աղջիկները։ Միով բանիւ սպանութիւնը եւ իր եղանակը լիովին համապատասխան էին իրեն սպանվածի այն արիւնարբու լինելու աստիճան կատաղի ու ստոր հակայեղափոխական գործունէութեանը, որ ցոյց տուաւ յիշեալ դաւաճանը մօտ երկու տարւայ ընթացքին մէջ։ Այդ երկամեայ ժամանակամիջոցին Մարզուանցուն սրտին մէջ արագ կերպով կուտակվող զայրոյթի ու կատաղութեան փոթորիկն այնպիսի սոսկալի կերպով պայթեցաւ, որ աննկարագրելի սարսափի մէջ ձգեց տեղական կառավարութիւնն ու իր աջակից վատահոգի հայ արբանեակները։ Ժողովրդի ու կառավարութեան շրջանակներու մէջ սքանչացման ու սարսափի առարկայ է դարձած այդ գործողութեան մէջ ի յայտ եկած անվեհերութիւնը, արիութիւնը, ճարպիկութիւնն ու ոյժը։ Տեղւոյս հազարապետն ըսած է, թէ ինքը շատ սպանութիւններ տեսած է. բայց ասոր նմանին կեանքին մէջ երբէք հանդիպած չէ։ Եւ արդարեւ,
39
սպանութեան այդ եղանակը կատարելապէս կարդարանայ, երբ աչքի առջեւ ունենանք Ոսկերիչի երկամեայ ազգակործան գործունէութեան մէկ համառօտ պատկերը։ Քաղաքիս մէջ յեղափոխական շարժումների ծագման հէնց սկիզբէն Ոսկերիչը թշնամական դիրք էր սկսած բռնել դէպի յեղափոխականները, սակայն միաժամանակ, սարսափի շրջանի միջոցին, ստիպված էր բացարձակ երեւան չը գալ եւ գաղտնի պահել իր գործունէութիւնը։ Այդ ժամանակներն ալ ամեն պարագայի մէջ կաջակցէր կառավարութեան, սակայն ծածուկ կերպով, այնպէս որ ժամանակի մը համար իր կեղծաւոր ընթացքովը յաջողած էր թոզ փչել յեղափոխականներու աչքին։ Պէքիր-փաշային, որ այն ժամանակ քաղաքիս գայմագամ էր, աջ թեւն էր ու գաղտնի խորհրդականը ամեն մէկ քայլին. անկասկած է որ Պէքիրն իր ունեցած յաջողութիւններուն գրեթէ բոլորը կը պարտի Ոսկերիչի եւ իր նմաններուն եւ ո՛չ թէ իր խելքին ու զէնքին։ Այդ վատերը Ոսկերիչի գլխաւորութեամբ պատրաստեցին այն դաւադրութիւնը, որ առաջ բերաւ 93 սեպտ. 8.ի արիւնոտ օրը, երբ ի միջի այլոց ունեցանք մեծ ու անդարմանելի կորուստ մը յանձին Բ. Զաքարեանցի։ Այդ թուականէն սկսեալ Ոսկերիչն այլեւս մի կողմ թողուց ծածուկ ընթացքը եւ սկսեց յայտնի առաջ տանիլ իր մատնութիւնները, իր այդ բացած ճամբուն մէջ մղեց նաեւ հայ հարուստներէն շատերը, որոնք ձեռք ձեռքի տված մատնանիշ ըրին կառավարութեան Մարզուանի բոլոր աչքի ընկնող երիտասարդները եւ պատճառ դարձան երկարաժամանակեայ բանտարկութեան։ Ինչպէս ըսինք, այդ վատ խումբին գլուխն էր Ոսկերիչը, որը թողած ամեն գործ, զբաղում, կը հետախուզէր յեղափոխականի մը ամեն մէկ քայլը։ 4-5 ամիս առաջ կառավարութեան թելադրեց իր նախագահութեամբը «էմնիյէթ գօմիսիօնի (ապահովութեան յանձնաժողով) մը կազմել 33 անձերէ բաղկացեալ, լուսաւորչական, կաթոլիկ եւ բողոքական», որ պաշտօն ունէր հսկել քաղաքին անդորրութիւնը եւ կասկածելի ընթացքի մէջ գտնվողները մատնացոյց ընելով կառավարութեան։ Բնական է, որ այդ յանձնաժողովն այլ եւս գոյութիւն ունենալէ կը դադրի իր տխրահռչակ նախագահին սպանութեամբը։ Մէկ խօսքով կառավարութիւնը զրկվեցաւ իր ամենաթանկագին աջակիցէն։ Կրնանք ըսել, թէ Մագսուտ Սիմօնն ինչ որ էր Պօլսոյ համար, Ոսկերիչն ալ նոյնն էր Մարզուանի համար. մէկը լուսաւորչականաց վարչապետ, միւսը բողոքական հայոց ազգապետ, երկուքն եւս գործունէութեան տեսակէտով իրարու կատարելապէս յար եւ նման։ Ահա այդ պատճառաւ էր, որ կառավարութիւնը չափազանց կարեւորութիւն տուաւ գործին։ Ամասիայի միւթէսարըֆ Պէքիր-փաշան ղրկվեցաւ Մարզուան փութոյ պնդութեամբ առաջ տանելու քննութիւնը։ Պէքիր Մարզուան գալուն պէս` սկսեց ձեռք առնել իրեն յատուկ բարբարոսական, աւազակային ընթացքը, անհիմն, անտեղի, մեծաքանակ խուզարկութիւններ, աջ ու ձախ բազմաթիւ ձերբակալութիւններ, որոնցմով լեցուած է Մարզուանի պզտիկ բանտը։ Բանտարկեալներու թիւը հարիւրն անցած է, որոնք իրարու վրայ սղմված են ամարային
40
այս տաք եղանակին նոր ձերբակալութիւններ օր ըստ օրէ տեղի կունենան, խուզարկութիւններ ցորեկուայ ամէն րոպէին, գիշերուայ ամէն մէկ ժամուն անպակաս են։ Ատոր պատճառն ալ այն է, որ կառավարութիւնն իբրեւ գործին հեղինակ կը փնտռէ կեսարացի Միհրան անուն պանդուխտ երիտասարդ մը, որ այժմ` անյայտ վիճակի մէջ է։ Պէքիր-փաշան տեսնելով որ իր խուզարկութիւնները, խստութիւնները փարա մը չեն արժեր եւ ապարդիւն կանցնին, սկսեց կրկին բռնել աղաներու օձիքէն։ Յունիս 22 հինգշաբթի առաւօտ քաղաքին բոլոր քիչ թէ շատ ազդեցութեան տէր եղող անձերը հաւաքելով բացարձակ կերպով սպառնացած է, որ «եթէ 24 ժամուան մէջ փախստականը յանձնէք` լաւ, եթէ չը յանձնէք Մարզուանը երկրորդ Սասուն մը կը դարձնեմ, եթէ նոյն իսկ կախաղանի դատապարտվելս ալ գիտնամ»։ Կը հրաւիրենք Պէքիրը գործադրել իր սպառնալիքը. մենք իրեն 24 ժամէն աւելի պայմանաժամ կուտանք։ Աղաները կարեւորութիւն չը տուին փաշային այս սպառնալիքին, որովհետեւ մինչ մէկ կողմէն սարսափի մէջ են, միւս կողմէն համոզվեցան, որ յեղափոխականները վերջապէս ուշ կամ կանուխ իրենց վրէժը կը լուծեն։ Ուստի խոհեմութիւն չեն համարիր իրենց առաջւայ վատ ընթացքը շարունակել։ Պէքիր-փաշան վարժված լինելով հայերուն հետ ստրուկի պէս վարվելու, երբէք խտրութիւն չը դներ անոնց մէջ, թուրքահպատակ լինին, թէ օտարահպատակ, քանի որ օր առաջ ձերբակալեց ամերիկահպատակ հայ մը, Գրիգոր Առաքէլեան, որ Գալիֆօռնիա գաղթող Մարզուանցի մը է եւ երեք տարիէ իվեր Գօլէճ կը գտնուի հայերէն սովրելու համար։ Կոպիտ ոստիկանները հրմշտկելով, նախատելով, գլխարկին հայհոյելով բանտ են տարած` առանց ականջ կախելու իր բողոքներուն։ Թուրք կառավարութիւնն առաջին անգամը չէ, որ այսպէս հակառակ միջազգային դաշնագրութեանց` ոտնակոխ կընէ օտարահպատակներու իրաւունքները։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 15 Յուլիս 1895, ութերորդ տարի, թիւ 10, էջ 82-83
------
15. ՍԱՐԳԻՍ ՔԻՐԷՄԻՏՃԵԱՆ (սպանութիւն) Յուլիս 1895, Մարզուան Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հնչակեան Կուսակցութեան տէռօրներ Կազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն
41
ՅԱՅՏՆԻ ՄԱՏՆԻՉԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Մարզուանում Հնչ. Կուսակցութեան տէռօրների ձեռքով սպանվեց յայտնի հաճի Սարգիս Քիրէմիտճեան։ Տեռօրներն ազատ են։ Մանրամասնութիւններ յաջորդին։
Հնչակ, [Հնչակեան Կուսակցութեան Օրգան,] 31 Յուլիս 1895, ութերորդ տարի, թիւ 11, էջ 90
------
16. ՄԱՄԲՐԷ ՊԷՆԼԵԱՆ (սպանութիւն) 3 Օգոստոս 1895 (վէրքերէն մահացած 7 Օգոստոսին), Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Ռումբ կօմիտէի Ա. խմբի երկու ահաբեկիչներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէ
ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ՄԱՏՆԻՉ ՄԱՄԲՐԷԻ ԶԱՐԿՈՒՄԸ
Սօֆիայից մեզ հեռագրում են.Օգոստոս 3-ին (ն. տ.) գիշերը ժամը 2-ին Կ. Պոլսում դաշնակցական 2 ահաբեկիչներ զարկեցին թատրոնից դուրս եկած ժամանակ նախկին յեղափոխական, նախկին վարդապետ, դաւաճան եւ հանրածանօթ մատնիչ ՄԱՄԲՐԷԻՆ։ Վիրաւորւած է մէկ ոստիկան։ Ահաբեկիչները ազատ են։ Մանրամասնութիւնը նամակով։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Օգոստոս 1895, թիւ 11, էջ 8
ԴԱՒԱՃԱՆ ՄԱՄԲՐԷ ԿԱՐԳԱԼՈՅԾ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ
Կ. ՊՈԼՍԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷ
Կ. Պոլսի Կեդրոն. Կօմիտէի յունիս 10-ի 67-րդ նստին մէջ, - որ յատկապէս գումարւած էր քանի մը դաւաճան յեղափոխականներու վերաբերեալ ստուգարանները քննութեան ենթարկելու, 90-թւի մատնութիւններուն մէջ անոնց
42
խաղացած դերը ճշտելու համար, - կարդացուեցան նաեւ Մամբրէ կարգալոյծ վարդապետին կատարած դաւաճանութեան եւ մատնութեան վերաբերեալ թղթերը եւ անոր վերջին հինգ տարիներու զզւելի գործունէութեան մասին տեղական կօմիտէներու կողմէն կազմւած տեղեկագիրը, որոնցմէ տեսնւեցաւ, որ Մամբրէ, աշխարհական անունով Ալեքսան, նախկին սարկաւագ` Էջմիածնի միաբանութեան, ապա վարդապետութեան կոչւած Բագրեւանդի ս. Յովհաննէս վանքին մէջ, առաջին օրէն ճանչցւած է իր շրջապատողներէն, իբր դիւրագրգիռ, հեշտամոլ եւ սնափառ մարդ մը, որ իր կրքերուն գոհացում տալու համար, միջոցներու մէջ խտրութիւն դնել չէր գիտեր։ Վարդապետութեան առաջին ամիսներուն մէջ իր քանի մը պոռոտախօս քարոզներուն շնորհիւ աժան ժողովրդականութիւն մը վաստկեցաւ, մանաւանդ Տրապիզոնի մէջ խօսած մէկ յանդուգն բանախօսութենէն ետքը, որ ինքզինքը յանձնարարեց իբր կարմիր յեղափոխական մը։ Ալ մոռցւեցաւ իր նախկին կեանքը, լի անբարոյական արարքներով, եւ յեղափոխական խմբեր միամտաբար հաւատ ընծայելով անոր այդ սնամէջ բառերուն, խելամուտ ըրին այդ ողորմելին իրենց վարչական գաղտնիքներուն։ Վրայ հասաւ 1890 թ. յուլիս 15-ը, գործի եւ փորձի թւական մը, որ մաղեց ու զտեց այդ գործիչներուն խումբը, բուն յեղափոխականները անջատելով միայն այդ անունը շահագործողներէն։ Վախկոտներն ու գձուձները իրենց դիմակները դրին Նազըմին ոտքը, անոր խորագէտ վեհանձնութեան դիմում ընելով, իրենց ողորմելի կեանքին քանի մը անփառունակ տարիներ ալ աւելցնելու եւ մէկ-երկու ոսկի մուրալու համար գետնաքարշ։ Մամբրէ իր վրայ եղած կասկածները ցրելու նպատակով Բագրեւանդ գնաց, իր վանքը. բայց հոն հանգիստ չտւին իրեն. իր նախկին քարոզները մոռցւած չէին եւ ոստիկանութիւնն աւելի հիմնաւոր սկսաւ համարել իր կասկածները Մամբրէի վրայ։ Քիչ օր ետքը Մամբրէն հարկադրւեցաւ Պոլիս վերադառնալ։ Ձերբակալութիւններու թւականը բացւած էր. ոստիկանութիւնն անխոնջ խուզարկութիւններ կը կատարէր յուլիս 15-ի հեղինակները գտնելու համար։ Իսկ միւս կողմէն պատրիարքարանն անկարող էր ոչ միայն իր կրօնակիցները պաշտպանելու, այլ նոյն իսկ կրօնաւորները։ Նազըմ Աշըգեանէն հզօր էր։ Մամբրէն առաջին կողմը հակեցաւ. պատրւակ մը պէտք էր. ադ ալ գտաւ. խմբագրեց ազդարարագիր մը, իբր Հնչակեան մասնաժողովին կողմէն իրեն ուղղւած, որով մահ կըսպառնային իրեն, եթէ շարունակէր իր դաւադրութիւնները անոնց` Հնչակեաններու դէմ։ 1890 սեպտեմբեր 9-ին երեկունը դաւաճանը այդ նամակով կը ներկայանար ոստիկանութեան նախարարին` Նազըմ պէյին եւ անոր օգնութիւնը հայցելով, փոխարէն ամէն աջակցութիւն կը խոստանար իր կողմէն կառավարութեան
43
թշնամիները որսալու գործին մէջ։ Նազըմ պէյի ուրախութեան չափ չկար. նոյն գիշեր իր տունն հիւրընկալելով, ամեն մեծարանքներ ըրաւ անոր, եւ հետեւեալ առտուն առաջնորդել տւաւ զինքը ոստիկանութեան դուռը հարցաքննիչ դատաւորին առջեւ բացատրելու իր գիտցածը։ Այդ առաջին հարցաքննութեան մէջ Մամբրէ շատ բան բացատրեց, շատ անուններ տւաւ, բաց ըրաւ աւելի մեծ բան մը. խոստացաւ ցանկ մը պատրաստել իր կասկածելի համարած անձերուն, վաւերական թղթերու վկայութեամբ հաստատուած։ Եւ Մամբրէն այնչափ խղճմտութեամբ կատարած է իր այդ խոստումը, որ հարցաքննիչ դատաւորին առջեւ իբր յանցապարտ մը ներկայանալու երկրորդ հարկի մը մէջ չէ գտնւեր, բան մը, որով կապացուցւի միայն մէկ հարցաքննութեան մը գոյութիւնը ոստիկանութեան պաշտօնատան մէջ։ Մամբրէ այնուհետեւ գործեր է իբր գաղտնի ոստիկանութեան անկախ պաշտօնեայ, անմիջաբար Նազըմ պէյի հետ յարաբերութիւն հաստատելով։ Այդ առաջին հարցաքննութենէն ետքը Մամբրէ 100 օսմ. ոսկի ստացաւ իբր քաջալերութիւն։ Անկէ ետքն է, որ Մամբրէ Մուրատին անունով ֆրանսիական փոստան ստացւած նամակները տարաւ յանձնեց ոստիկանութեան, այդ նամակները յականէ անւանէ կը նշանակէին քանի մը անձեր եւ կը յիշատակէին նոյնպիսի իրողութիւններ, որոնք նպաստեցին պարզելու յեղափոխական կազմակերպութեան մասին թուրք ոստիկանութեան քանի մը ենթադրութիւնները։ Հարցաքննութեան մէջ յիշատակած ցանկը Մամբրէ հետզհետէ լրացուց, եւ մատնեց ով որ կրցաւ։ Իր դերը չլմնցաւ ադով. անգամ մը գայթելէն ետքը ա՛լ չփորձեց ոտքի ելլալու։ Մոռցաւ ամեն բան, ինչ որ սուրբ էր, իր եկեղեցին ոստիկանութեան դուռն էր հիմա. իրեն պաշտօնն համարեց ոչ միայն քիչ շատ աչքի զարնող անձեր իբր կասկածելի երեւցնել, այլ եւ խեղճ ու անտէր մարդիկ շահագործել բանտ նետելու սպառնալիքով կամ բանտէն ազատելու խոստումով։ Իր շահատակութեան ասպարէզն եղած էր Իւսկիւտար արուարձանը, ուր ամէնքն ալ կը դողային այդ լիրբ ու անխիղճ վարդապետէն, որ անգամ մը եկեղեցական կոչումէն զրկւած, ալ ազատ կը կարծէր ինքզինքն իր կրքերուն անձնատուր ըլլալու, անպատիժ մնալու յուսով։ Մամբրէն արեան ծարաւ դաւաճանի մարմնացումն էր, որ իր նեխած սիրտը կը պտտցնէր ամէն տեղ, ոստիկաններու եւ լրտեսներու ընկերակցութեամբ։ Ժողովուրդը վաղուց արդէն իր վճիռը տւած էր։ Ուստի, Ի նկատ առնելով, որ Մամբրէն դաւաճանած է իր յեղափոխական ուխտին, Ի նկատ առնելով, որ իր կուսակցութեան վերաբերեալ գաղտնի նամակներ ոստիկանութեան յանձնած է եւ իր ընկերները մատնած է,
44
Ի նկատ առնելով, որ Մամբրէն իր անօրինակելի արարքը վայրկենական վախի մը ազդեցութեան ներքեւ կատարած չըլլալէն չափ, գործօն մատնիչ մը եղած է հինգ տարիէ ի վեր, տասնեակ ընտանիքներու անկման եւ հարիւրաւոր անմեղներու դժբախտութեան պատճառ ըլլալով, Ի նկատ առնելով, որ Մամբրէն իր լիրբ, ամբարտաւան ու անբարոյական վարմունքով գայթակղութիւն եղած է ժողովրդին մէջ, անոր ամենէն նւիրական զգացմունքները վիրաւորելով, Կեդրոնական կօմիտէն յունիս 10-ի իր 67-րդ նստին մէջ Միաձայն մահւան դատապարտեց դաւաճան Մամբրէ կարգալոյծ վարդապետ Պէնլեանը, Վճռին գործադրութիւնն յանձնելով Ռումբ կօմիտէի Ա. խմբի ահաբեկիչներուն. եւ միանգամայն վճռեց սոյն Տեղեկագրին հետ հրատարակութեան տալ նաեւ պատճէնները անոր առաջին հարցաքննութեան, եւ հնչակականներուն անունով խմբագրած ազդարարագրին։ * * * Վճռին գործադրութիւնը չուշացաւ. յուլիս 22-ին [հ.տ.], շաբաթ գիշեր, Իւսկիւտար Պէյլերի պարտէզը տաճկերէն ներկայացում կար. ամեն ազգէ հոն բազմութիւն մը ներկայ էր. հոն էր նաեւ Մամբրէ, երկու ծպտեալ լրտեսներու հետ։ Ժամը 2-ին ներկայացումը վերջացած էր եւ ամբոխը սկսած էր ցրւել խումբ խումբ։ Դուրս ելաւ եւ Մամբրէն իր ընկերներու հետ, դժգոհ թերեւս, որ այդ գիշեր որս մը չկրցաւ գտնել. նախորդ ներկայացումի մը միջոցին անծանօթ ձայներ սուլած էին Համիդիէ քայլերգը. Մամբրէ կը յուսար այս անգամ անձամբ հսկել եւ գտնել սուլողները։ Սակայն հազիւ քանի մը քայլ ըրած էր դէպի պարտէզին դուռը, երբ երկու ահաբեկիչները կը տնկւին իր առջեւ եւ մէկը կարձակէ իր ռեվօլվերը։ Դաւաճան սոսկալի մռնչիւնով մը գետին տապալեցաւ. գնդակը խորտակած էր ողնայարը, ծակած երիկամունքը եւ կողաշարին մէջ մխւած էր։ Ռեվօլվերի ձայնը եւ դաւաճանին գետին թաւալելն աննկարագրելի իրարանցում եւ վախ պատճառեց. ժողովուրդը փախչող փախչողի էր. ոստիկաններն ու զինւորները մէկ ակնթարթի մէջ անյայտ եղան։ Անցին ահաբեկիչները, կընթանային անվրդով, երբ լրտես մը պատահմամբ դէմերնին կելլայ. ահաբեկիչը գնդակ մըն ալ անոր կը խրկէ. թուրքը գետին կիյնայ։՞ Մամբրէ մնաց իր ընկած տեղը, մինչեւ որ ոստիկանները սիրտ առնելով, վերջապէս վերադարձան, երբ ապահով եղան, որ ա՛լ ահաբեկիչները հեռացած էին, եւ շալկելով տարին իր տուն։ Դաւաճանը չորս օր հազիւ կրցաւ ապրել եւ չարաչար տանջւելէ ետքը, յուլիս 26-ին, չորեքշաբթի սատկեցաւ, խոր սուգի մէջ ձգելով Նազըմ փաշան։
45
Մամբրէի մահը մեծ յուզում առաջ բերաւ ամեն շրջանակներուն մէջ։ Ոստիկանութիւն մեծամեծ ճիգեր կընէ հեղինակները որոնելու, ուստի բազմաթիւ ձերբակալութիւններ կատարեց ապարդիւն. ցարդ ձերբակալւած են մօտ 150 հոգի, բոլորը անմեղ մարդիկ։ Կըսւի թէ բանտարկեալներուն սոսկալի` չլսւած, աներեւակայելի տանջանքներ կուտան գաղտնիքներ կորզելու համար։ Իսկ ահաբեկիչներն ապահով ու ազատ են շնորհիւ սուլթանին, որոնք կըսւի թէ աներեւոյթ ոգիներու փոխւած են...
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Սեպտեմբեր 1895, թիւ 12, էջ 6-7
------
17. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՈՒՂՈՒՐԼԵԱՆ (սպանութիւն) 21 Օգոստոս 1895, Կ. Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հնչակեան տէռօրիստներ Կազմակերպող` Պոլսոյ Հնչակեան Վարիչ Մարմին
ՅԱՅՏՆԻ ՄԱՏՆԻՉՆԵՐԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Կ. Պօլսից 10 օգոստոսից [հ. տ.] մեզ հաղորդում են հետեւեալը. Այստեղ երէկ չորեքշաբթի, երեկոյեան ժամը մէկ ու կէսին ը. թ. Կէտիկ Փաշայի մէջ սպաննուեցաւ յայտնի մատնիչ եւ նշանաւոր սրիկայ Եօզդատցի Համբարձում Ուղուրլեանը։ Փորձը կատարուեցաւ տեղւոյս Հնչ. Վ. Մ.-ի որոշման համաձայն եւ յատուկ կարգադրութեամբ Հնչակեան տէռօրիստներու ձեռքով եւ յաջողութեամբ ի գլուխ տարուեցաւ։ Տէռօրիստը, վատի դրան առջեւ կայնած պահուն, անոր մօր եւ ուրիշներու ներկայութեան, դաշոյնով կը յարձակի եւ առջեւէն ծննդական գործարաններէն մխելով սոսկալի կերպով կը ծակէ ու կը դարձնէ, ապա դուրս քաշելով դաշոյնը ամենայն պաղարիւնութեամբ թաշկինակով կը սրբէ եւ` հակառակ կանչուըռտուքներուն` ճանբան կը շարունակէ։ Մատնիչի մահն անմիջական կըլլայ։ Տէռօրիստը փողոցը դառնալու պահուն կը հանդիպի ոստիկաններու, որոնք կը պոռան, որ կենայ. քաջասիրտ երիտասարդը կը պատասխանէ «տեղերնէդ չը շարժիք»։ Վարձկանները սարսափած հետեւեալը կըսեն, որ շատ հետաքրքրական է. «անցիր, զաւակս, անցիր», եւ կը թողուն որ իր ճանբան շարունակէ։ Տէռօրիստն ազատ է։ Ահա այսպէս վերջ գտաւ կեանքը այդ նշանաւոր մատնիչին, որու շնորհով անմահ Ժիրայր Պօյաճեանը զոհ գնաց եւ Եօզղատի մի քանի հարիւր հայերը ամիսներով եւ տարիներով տառապեցան
46
եւ դեռ կը տառապին տաճկական բանտերու մէջ։
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, Օգոստոս 1895, ութերորդ տարի, թիւ 12 եւ 13, էջ 108
------
18. ՅԱԿՈԲ ԱՐԱՊԵԱՆ (մահափորձ) Օգոստոս 1895, Սամսոն Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Հնչակեան տէռօրիստ Կազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն
ՅԱՅՏՆԻ ՄԱՏՆԻՉՆԵՐԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Սամսօնից, 12 օգոստոսից [հ.տ.], մեզ հաղորդում են հետեւեալը.Ներկայիւս կուգանք հաղորդել Հնչ. Տէռօրական գործողութիւն, որ տեղի ունեցաւ յայտնի մատնիչ Արապեան Յակոբի վրայ, որը դեռ մեռած չէ։ Վէրքը դաշոյնի ծանր հարուած մ’է ազդրի վերի մասէն դէպի մէջքի պարապ անոսկր տեղը։ Դաշոյնն այնպէս ուժգին մխուած եւ դարձուած է, որ հաստ ոսկրը ծակած եւ վտանգալից եղած է։ Մատնիչը զարնուած վայրկեանին 5 րոպէի չափ անխօս մնացած է սարսափէն եւ մի քանի անգամ ոտքի վրայ ելած ու գլորուած. յետոյ երբ լեզուն բացուած է սկսած է պոռալ «զիս զարնողը հայ է, հայկական խնդրոյն համար զիս զարկին»։ Բժիշկներու վկայելով` վէրքը շատ ծանր է։ Տէռօրիստը ազատ է։
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, Օգոստոս 1895, ութերորդ տարի, թիւ 12 եւ 13, էջ 108-109
------
19. ՍԵՆԵՔԵՐԻՄ ՈՒՂՈՒՐԼԵԱՆ (սպանութիւն) 28 Օգոստոս 1895, Կ. Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հնչակեան երկու տէռօրիստներ, որոնցմէ մէկն է էրզրումցի Գարեգին Կազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն
47
ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ
Կ. Պօլսից, 16 օգոստոսից [հ. տ.], մեզ հաղորդում են հետեւեալը.«Արձակված վըճռի համաձայն` Հնչակեան երկու տէռօրիստներու ձեռքով այսօր մահացու կերպով վիրաւորուեցաւ յայտնի մատնիչ Սենեքերիմ Ուղուրլեան, եղբայր միւս նշանաւոր մատնիչ Համբարձում Ուղուրլեանի, որ` ինչպէս հաղորդած ենք իր ժամանակին` սպանուեցաւ ամսոյս 9-ին։ Տէռօրիստներէ մէկն աջողեցաւ անհետանալ, իսկ միւսը` էրզրումցի Գարեգին` հալածուելով ոստիկաններու կողմէ ատոնց վրայ կրակ պարպեց եւ վիրաւորեց մէկը, բայց տեսնելով որ չը պիտի յաջողի ազատիլ` փորձեց թոյն ընդունել, սակայն բռնուեցաւ եւ արգելք դրին թունաւորման։» Հեռագրից տեղեկանում ենք, յեղափոխութեան անձնուրաց զինւոր Գարեգինին ոստիկանութիւնը ենթարկել է աննկարագրելի տանջանքների` իր հնչակեան կապերի մասին գաղտնիքներ իմանալու համար։ Գարեգինը հերոսաբար տարել է ամենասոսկալի տանջանք, որոնց տակ էլ մեռաւ ամսիս 21-ին։ Մի նո՜ր նահատակ ազատութեան համար եւ արեան մի նո՜ր ամօթալի բիծ սուլթանական ճակատին։
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 25 Սեպտեմբեր 1895, ութերորդ տարի, թիւ 15, էջ 122
------
20. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ (սպանութիւն) 28 Սեպտեմբեր 1895, Վան Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցական ահաբեկիչներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վանի Կեդրոնական Կօմիտէ
ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԴԱՒԱՃԱՆ ԵՒ ՄԱՏՆԻՉ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒՄԸ
ՎԱՆ Սեպտեմբեր 28-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին (ը. եւր.) Հ. Յ. Դաշնակցական ահաբեկիչները, Վանի Կեդրոնական Կօմիտէի որոշմամբ, սպանեցին Վանայ մէջ նշանաւոր դաւաճան ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻՆ Քեանդրչի Կարա-
48
կօլխանի (պահականոց) մօտ։ Դաւաճանը առաջները երկու անգամ տէրրօրի ենթարկւած է, սակայն անաջող։ Ահաբեկիչները սրի հարւածներու տակ անշնչացած թողին դաւաճանին։ Կատարեալ յաջողութիւն. ընդհանուր սարսափ, խուզարկութիւն եւ ձերբակալութիւններ։ Ահաբեկիչները ազատ են։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Նոյեմբեր 1895, թիւ 19, էջ 2
------
21. ՍՕՍՈՒՆԻ (մահափորձ) 4 Հոկտեմբեր 1895, Շատախ Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Դաշնակցական տէրրօրիստներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՏՆԻՉ ԵՒ ԴԱՒԱՃԱՆ ՍՕՍՈՒՆԻ ԶԱՐԿՈՒՄԸ
ՇԱՏԱԽ Դաշնակցականները Շատախում զարկեցին Սեպտեմբերի 22-ին (հ. տ.) մատնիչ եւ դաւաճան ՍՕՍՈՒՆԻՆ, որը Կաճիտ գիւղիցն էր։ Տէրրօրիստները րէվօլվէրի 3 հարւած են տւած, մէկը թեւին եւ ոսկորը ջախջախւած է, միւսը կողին, իսկ երրորդը ուսին։ Մատնիչը դեռ չէ մեռել, բայց շուտով կերթայ միւս աշխարհը։ Սօսունը երեք տարի էր` վառում էր շատախցիներին։ Դեռ մինչեւ այս ժամուս Սօսունի մատնութեան զոհ գնացած տասնեակ շատախցի կտրիճներ թէ Վանի եւ թէ Շատախի բանտերում շղթաների տակ հառաչում են, մանաւանդ քաջ կաճիտցիների նամուսը ոտնակոխ էր արած այդ լիրբ ազգադաւը եւ ահա հասնում է նրա գլխին յեղափոխականի, շատախցի կտրճի դատաստանը` գնդակը։ Ձերբակալւած են 2 քիւրդ եւ 1 հայ։ Տէրրօրիստները ազատ են։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութեան օրգան, 15 Նոյեմբեր 1895, թիւ 19, էջ 2
------
49
22. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐ-ՍԱՐԳՍԵԱՆ (սպանութիւն) 5 Հոկտեմբեր 1895, Կարին Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վանի Կեդրոնական Կօմիտէ
ԿԱՐԻՆ Հոկտեմբեր 5-ին (ն. տ.) երեկոյեան ժամը 6-7-ին Կարնոյ բազմամարդ փողոցներից մէկում` Կանա Ճամբայ կոչուող ճանապարհի վրայ Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան դաշոյնը վարձատրեց յայտնի մատնիչ փաստաբան ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐ-ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ։ Ձերբակալւած եւ բանտարկւած են անմեղ հայեր։ Այս դէպքին, ցաւօք սրտի կաւելացնենք, զոհւեց կարնեցի վաճառական Սիմէօն Պետոյեան, բոլորովին անմեղ, օգնութեան գալով Տէր-Սարգսեանին, փռւում է սորա կողքին։ Մանրամասնութիւնք յետոյ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 1 Նոյեմբեր 1895, թիւ 1718, էջ 16
------
23. Տ. ԲԱՐՍԵՂ (սպանութիւն) 6 Հոկտեմբեր 1895, Մուշ Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հնչակեան երեք թէռօրներ Կազմակերպող` Հնչակեան Մասնախումբ
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄՈՒՇՈՒՄ
ՀՐԱՏ Մուշ, 27 սեպտեմբեր 95
Ամսիս 24-ին [հ. տ.] տեղւոյս Հնչակեան Մասնախմբի անդամոց տրուած վճռագրոյն համաձայն` երեք թէռօրներու ձեռամբ սպանութեան յաջող փորձ մը կատարուեցաւ մշեցի յայտնի մատնիչ Տ. Բարսեղի վրայ, որ ինչպէս յայտնի է իր չարաշահութեան համար քանիցս դատապարտուած եւ ատեններս Պատրիարքարանէն ալ նոյնի նկատմամբ անօրինութիւններ էին եղած։ Յայտնի մատնիչը ճամբու վրայ բռնուելով 3 գնդակով կը մահանայ, զորս
50
կընդունէ բերնին, քնքոսկրին եւ վզին վրայէն, եւ դիակը կառավարութեան կողմէ թէեւ եկեղեցւոյ դուռը կը նետուի, բայց հայեր բնաւ չեն մօտենար եւ նորէն կառավարութեան ձեռամբ քահանայի մը կուտան թաղել որ միայն մի Հայր մեր ըսելն խոստովանած է։ Այս դէպքին առթիւ ցայժմ բանտարկուած են չորս անմեղներ, Մոկունք գեղի գեղապետն եւ թաղականներէ մին, իբր յանցաւորներ իրենց գեղի մօտ լինելուն դէպքին, իսկ Մշէն 2 վաճառական, Անթամեան Միսաք եւ պիթլիսցի Բօզօեան Մուրատ աղաներ, որք կամբաստանուին թէ առաջուց վէճ ունեցած են յիշեալ մատնիչի հետ. բայց կը յուսացուի որ ճանչցուելով իրենց անպարտութիւնը, վերջիվերջոյ ազատուին, թերեւս շատ մը նեղութիւն կրելէ վերջ։
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 20 Նոյեմբեր 1895, ութերորդ տարի, թիւ 21, էջ 174
------
24. ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ (մահափորձ) 25 Դեկտեմբերի 1895 / 6 Յունուար 1896, Կ. Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Սեւ-Սար ենթակօմիտէի ահաբեկիչներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կ. Պօլսոյ Կեդրօնական Կօմիտէ
Կ. ՊՕԼՍԻ ԴԱՇՆԱԿ. ԿԵԴՐ. ԿՕՄԻՏԷԻ ՎՃԻՌԸ
Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէն [1895] նոյեմբեր 13-ին [հ. տ.] հետեւեալ պաշտօնագիրն ուղղած էր տեղական երեք խմբագրութիւններուն – Արեւելքի, Հայրենիքի եւ Ճէրիտէի շարգիէի։ «Կեդրօնական Կօմիտէն իր երէկի նստին մէջ զբաղելով ազգի սոյն տագնապալի վայրկեանին մայրաքաղաքիս հայ լրագրութեան ազգակործան ընթացքին քննութեամբ եւ «Նկատելով որ... լրագիրը մամուլի բարձր կոչումին չծառայելէ զատ, կառավարութեան ձեռքը անարգ գործիք դարձած իր գոյութեամբ վնասակար կ’ըլլայ հայկական դատին, «Նկատելով որ... լրագիրը, առանց իր կարծիքը յայտնելու, սուլթանական բոլորովին ստայօդ պաշտօնական զեկուցումներն ու թելադրուած յօդուածները հրատարակելով կը մոլորեցնէ ու կը խաբէ արիւնոտ հայ ժողովուրդը ու կը նպաստէ հայկական դատի խեղդուելուն, «Նկատելով որ... լրագրին գոյութիւնը արատ մըն է հայութեան ու իր ընթացքը դաւաճանութիւն է`
51
Որոշեց. ա. Վաղուընէ սկսեալ անպայման դադարման դատապարտել... լրագիրը։ բ. Մահով պատժել այն տնօրէններն ու խմբագիրներն, որոնք համարձակին մեր որոշումին հակառակիլ կամ կառավարութեան յանձնելով սոյն պաշտօնագիրը` անոր օգնութեան դիմել։ N. B. Պաշտօնագիրը կարդալէ վերջ` ղրկել հետեւեալ հասցէին` L. Roole 15, Augustus Rd. Hammersmith, W. London։ Հայրենիքի խմբագրապետ Ա. Արփիարեան սոյն որոշումին չհամակերպելէ զատ – մինչդեռ միւս երկուքին խմբագիրներն հետեւեալ օրն իսկ դադարեցուցած էին թերթերուն հրատարակումը – նախ` ծաղրեց ու թշնամանեց այդ պաշտօնագիրը յղող յեղափոխական մարմինը. երկրորդ` յորդորեց միւս երկու խմբագրութիւնները հետեւիլ իր ընթացքին. երրորդ` վերոյիշեալ պաշտօնագիրը չխրկեց ցոյց տրուած հասցէին, այլ հաղորդեց իսկոյն ոստիկանութեան։ Ուստի Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէն 23 նոյեմբերի 115-րդ նստին մէջ, Նկատելով որ Ա. Արփիարեան ջանադիր է արգելք ըլլալ Դաշնակցութեան կօմիտէի մը որոշումներուն. Նկատելով որ Ա. Արփիարեան խօսքով ու գործով թշնամացած է յեղափոխութիւնը յանձին Դաշնակցութեան Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէին. Նկատելով որ Ա. Արփիարեան եւ ոչ մէկ մեղմացուցիչ պարագայ մը ունենալէ զատ, մէկէ աւելի ծանր յեղափոխական յանցանքներու մէջ ամբաստանուած է արդէն (Ա. Մատնիչի դեր կատարած է 1890-ի յեղափոխական գործիչներուն նկատմամբ։ Բ. Սեպտեմբերի ծանօթ դէպքերու ատեն Նազըմի դրդմամբ փորձած է եկեղեցիներն ապաստանող հայերը դուրս չելնելու յորդորել` ապստամբներ ցոյց տալու համար անոնք Եւրոպայի առջեւ. այդ մեղադրութիւնը կը ծանրանայ այն յարակից պարագաներով, որ նոյնիմաստ հայերէն յայտարարութիւններ ձգուած են Բերայի եկեղեցիին բակը լրտեսներու յատուկ մերձաւոր սենեակէ մը։ Գ. Պարագլուխ է եղած դաւադիրներու խմբակի մը որ ոստիկանութեան խորհըրդով եւ աջակցութեամբ ծանօթ յեղափոխական գործիչներ աքսորելով կամ Եւրոպա խրկելով` կը ջանայ ջլատել Պօլսի յեղափոխական ուժերը). Որոշեց անյապաղ իգործ դնել 13 նոյեմբերի պաշտօնագրին սպառնալիքը, մահուան պատժի ենթարկելով Ա. Արփիարեանի, եւ վճռին գործադրութիւնը յանձնեց ՍԵՒ-ՍԱՐ ենթակօմիտէի ահաբեկիչներուն։
Յաւելուած Դրօշակի, 15 Նոյեմբեր 1899, էջ 28-29
------
52
25. ՏԻԳՐԱՆ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ (սպանութիւն) Յունուար 1896, Կ. Պոլիս Հանգամանք` Մեծահարուստ Սպաննող(ներ)` Հնչակեան տէռօրիստ(ներ) Կազմակերպող` Կ. Պոլսոյ Հնչակեան Մասնաճիւղ
«ԱՍՏԾՈՒ ՄԱՏԸ»
Կ. Պօլիս, 1 Մարտ 1896 Տիգրան Գարակէօզեանի մահէն ի վեր բաւական ժամանակ անցաւ, ուստի կրնամ կատարեալ պաղարիւնով հաղորդել ձեզի հանրային զգացումին տպաւորութիւնը այդ եղերական վախճանի մասին։ Պօլսոյ ամբողջ հայութիւնը, քանի մը «վսեմաշուքներէ ու ազնուաշուքներէ» զատ, կարծես սփոփանք զգաց Գարակէօզեանի դէմ ուղղուած հարուածէն։ Ժողվուրդը իր պարզ բնազդովը մեկնեց այդ սպանութեան պատճառները, եւ միաձայնութեամբ արդարացուց զայն։ Հայ ժողովրդին այս զգացումը բացատրելու համար պէտք է յիշեցնել այն պատճառները որոնցմէ մղուած քառորդ դարէ մը ի վեր միայն արհամարական զգացում կը տածէր այն ընտանիքին համար, որուն ոսկիները ոչ թէ հազարներով, բիւրներով կը հաշուուի, այլ հարիւր հազարներով։ * * * Գրեթէ քառորդ դար մը առաջ մեռաւ Գարակէօզեաններու Կարապետ անուն մէկ եղբայրը որ խելացի եւ ազգասէր երիտասարդ մըն էր։ Ասիկայ իր հանգուցեալ եղբօրը, Բիւզանդին, իրենց թողած ժառանգութենէն օգտուիլ չուզելով, կարգադրութիւն մը ըրած էր որով ազգին կը կտակուէր 40,000 ոսկի հիմնարկելու համար առեւտրական վարժարան մը։ Կարապետ Գարակէօզեանի մահէն ետքը իր ընտանիքին եւ Պատրիարքարանին միջեւ թղթակցութիւններու փոխանակութեամբ հաստատուեցաւ այդ կտակը։ Ազգային ժողովը հանդիսաւոր կերպով շնորհակալութեան քուէ տուաւ Գարակէօզեան ընտանիքին եւ Ներսէս Պատրիարքին բերնով օրհնուեցաւ հանգուցեալներու յիշատակը։ Այդ օրէն ի վեր Պատրիարքներ, Ազգային վարչութիւններ, Կտակաց հոգաբարձութիւններ իրարու յաջորդեցին, եւ սակայն ո՞ւր է Գարակէօզեան վարժարանը։ Զուր տեղը հայ մամուլը բողոքի ձայներ բարձրացուց անդադար։ Գարակէօզեանները իրենց Տիգրան եղբօր առաջնորդութեամբ սնտուկներնուն մէջ պահեցին ազգին նուիրուած դրամը։ Լսուած բողոքները լռեցնելու, եղած ձեռնարկները չեզոքացնելու համար ամէն միջոց գործադրեցին։ Աղէկ գիտէին թէ
53
ազգը չէր կրնար դատ բանալ իրենց դէմ, վասն զի քանի մը հազար ոսկի ծախս կըլլար «շէրի»-ի դատարանին առջեւ։ Գարակէօզեանները կարող էին 40,000 ոսկին չը տալու համար երկու երեք հազար ոսկի ծախսել։ Այս ուղղութեամբ էր որ 1886-ին Նուրեան երբ ատենապետ էր Քաղաքական Ժողովին, առաջարկեց որ Գարակէօզեաններէն 3,000 ոսկի «իբր նուէր» առնելով Պատրիարքարանը անոնց վերադարձնէ բոլոր այն թղթակցութիւնները որոնք փոխանակուած էին կտակին առթիւ։ Այս ամօթալի առաջարկը մերժուեցաւ բացարձակապէս։ Այդ 40,000 ոսկիի գումարը տոկոսին բարդումովը այսօր ի՜նչ թիւ կրնար ներկայացնել։ Բայց ազգին դրամ պէտք չէ, այլ մարդ. քսանհինգ տարուան մէջ քանի՜ հարիւրաւոր պատանիներ այդ վարժարանին շնորհիւ իրենց դիրք մը ստեղծած պիտի ըլլային։ Տիգրան Գարակէօզեան իր ահագին հարստութեամբը չը բաւականանալով աչքը տնկեց աղքատին դրամին վրայ, ազգին աղքատիկ տղաքները զրկեց իրենց իրաւունքէն։ Ու երբ գիշեր մը շշնկոցը տարածուեցաւ թէ Տիգրան Գարակէօզեան վիրաւորուած է, ժողովուրդը միաձայնութեամբ վճռեց թէ «Արդարութիւնն էր որ Հնչակեան դաշունով մը լուծեց զրկուած խեղճ տղաքներուն վրէժը։» * * * Տիգրան Գարակէօզեանի քարացած սիրտը պիտի մոլորեցնէր զինքը ճամբու մը մէջ որուն ելքը պիտի յանգէր եղերական անցքի մը միայն։ Անցած ամրան վերջերն էր. Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը պատրաստուէր հայ ազգին նկատմամբ եւրոպական քաղաքականութիւնը պարզելու վճռական միջոցներ տնօրինելու։ Անոնք որ քանի օր վերջը իրենց մարմինները Համիտի սուիններուն առջեւ պիտի նետէին, անոնք դիմեցին հայ դրամատէրներու եւ խնդրեցին որ իրենք ալ ոչ թէ կեանքերնին, այլ իրենց ստակէն բան մը տան ազգային դատին համար։ Այս դիմումը ընդհանուր ընդունելութիւն գտաւ, ոմանց կողմէն սիրալիր, ուրիշներէն տրտնջալիր։ Շաբաթ օր մըն էր. Տիգրան Գարակէօզեանի սենեակը գացին անձնաւորութիւններ որոնք դեռ քանի մը շաբաթ առաջ զերծուած էին շղթաներէ ու քանի մը օր վերջը գուցէ նորէն պիտի պրկուէին շղթաներով եթէ չիյնային սուիններուն ներքեւ։ - Օ՜հ, այս ի՜նչ մեծ պատիւ է որ ինծի կ’ընէք, գոչեց Տիգրան Գարակէօզեան, երբ իր գրասենեակին մէջ տեսաւ այդ կենդանի նահատակները։ Շնորհակալ եմ որ իս ալ ազգասէր ճանչցաք եւ չմոռցաք իս։ Ա՜հ, ազգը շատ սխալ կարծիք ունի վրաս. ա՜խ, ա՜խ, դուք ինծի մխիթարեցիք վրաս ունեցած համարումովնիդ։ Բայց խնդրեմ հաճեցէք երեքշաբթի անցնելու նեղութիւնը յանձն առնել որպէս զի եղբայրս ալ հոս ըլլայ։ Երեքշաբթի եղբայրը հիւանդ էր, ուստի հինգշաբթի օրուան այցելութիւն մը
54
խնդրեց. հինգշաբթի ալ ինքն յանկարծ հիւանդացած էր։ Ու օրերը իրարու յաջորդեցին, հասաւ սեպտեմբեր 18. Գարակէօզեան Տիգրան այդ օրը երկու ձեռքերը իրարու շփեց. դիակներու մէջ էին թերեւս իրեն դիմողներն ալ։ * * * Զէյթուն ձայն կարձակէր. օգնութիւն կը խնդրէր, Հնչակեան Կուսակցութիւնը ծանր պարտականութիւններու ներքեւ էր. դարձեալ դիմումներ անոնց որոնք առաջին հանգանակութեան չէին մասնակցած. յիշուեցաւ Գարակէօզեանի խանդավառ խոստումները, որոնց գործադրութիւնը խնդրուեցաւ. կմկմաց. դիմողները այս վարանումի մասին մինչ ապշած էին, ահա լսուեցաւ դէպք մը։ Վաճառական Մ...եան խոստացած էր 150 ոսկի տալ. յանկարծ միտքը կը փոխէ, ինչո՞ւ։ Վասն զի Տիգրան Գարակէօզեան անոր ձեռքէն բռնած եւ ըսած է. «մի՛ տար. ինէ ալ ուզեցին, խաբեցի խաբխբեցի, խոստացայ, չի տուի. ի՞նչ եղաւ. հիմա դուն տալովդ գէշ օրինակ պիտի ըլլաս։» Նուիրատուն կը վախնայ Գարակէօզեանէն եւ կ’անսայ խօսքին։ Այս յաջողութիւնէն քաջալերուած Տիգրան Գարակէօզեան կը քարոզէր ամէն տեղ «գէշ օրինակ չըլլալ։» Ազգին այդ մեծ ճգնաժամին այդ թշուառականը կը ջանար թեւակտուր ընել ազգային խանդավառութեան թռիչը, որպէս զի ինքն ալ քանի մը հարիւր ոսկի տալու պարտքէն ազատի։ Այս անգամ դարձեալ զրկանք կ’ընէր ազգին ուրիշին դրամովը։ Ինքն ալ պէտք էր «գէշ օրինակ» չըլլար։ Գարակէօզեանի եղբայրասպան միջամտութիւնը եթէ մնար անպատիժ, քանինե՜ր ու քանինե՜ր պիտի կորսուէին։ Հազարին տեղ մէկը պէտք էր կորսուէր, այս էր արդարութեան գերագոյն պահանջումը։ * * * Եւ երբ անդին Հայաստանի մէջ սովը սպառնական է, Մատթէոս պատրիարք կը դիմէ ամէն ունեւորի պատառ մը հաց ճարելու համար տառապեալ հայուն, Տիգրան Գարակէօզեան միլիօնատէրը, ազգին դրամներուն այդ յափշտակիչը, միայն հարիւր ոսկի կը ղրկէ իբր պատասխան պատրիարքին կողմէն եղած թախանձագին հրաւէրին, մինչդեռ շատ համեստ կարողութեան տէր անձեր շատ աւելին յօժարակամ տուած են։ Այդ անսիրտ կծծին եթէ չէր ուզեր քանի մը ոսկի տալ Զէյթունի համար, չէ՞ր կարող քիչ մը աւելի շնորհքով գումար մը պատրիարքին տրամադրութեան ներքեւ դնել ու զայն ըսել իրեն դիմողներուն։ Բայց այն ատենն ալ Տիգրան Գարակէօզեան եղած չէր ըլլար։ * * * Ազգին աղքատիկ տղաքը իրենց իրաւունքէն զրկողը, Զէյթունի հերոսները առանց վառօդի, առանց հացի պահելու համար տարածում ընողը, Հայաստանի սովեալներուն համար անկարեկիրը, երբ հաշիւ կուտայ արդարադատ դաշունի
55
մը, ժողովրդային զգացումն որ է անոր դագաղին շուրջը սարսափահար կը գոչէ իր ասացուածը. - «Աստծու մատը կայ։»
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 21 Մարտ 1896, իններորդ տարի, թիւ 6, էջ 44-46
ՎԱՂԵՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ
Մինչ այս մինչ այդ, [1895] դեկտեմբերին վերջին օրերը Դաշնակցական Կուսակցութիւնը զիս սպաննել փորձեց։ Վիրաւորուած, տունը կը դարմանուէի, երբ իրիկուն մը ժամը 10-ին (ըստ թրքաց), Հայրենիքի խմբագիր սիրելի մէկ բարեկամս [իմա` Երուանդ Օտեան, Հ.Ա.], որ հիմակ Աղեքսանդրիա կը գտնուի, բնակարանս եկաւ, եւ զիս առանձինն տեսնելով, ըսաւ թէ` - Հիմակ Վահէն տեսայ (Արզուեանը). աս իրիկուն Տիգրան Գարակէօզեանը պիտի զարնեն։ - Ի՜նչ կ’ընեն, խե՛նդ են ի՜նչ են, աղաղակեցի, որմէ՞ն արտօնուեցան ասանկ բան մը ընելու։ Կ’աղաչեմ, շուտ գնա՛ գտիր Վահէն եւ իմ կողմէս խստիւ ըսէ որ չըլլայ թէ ատանկ բան մը ընեն։ Անիկայ գնաց ու ես սրտատրոփ կը սպասէի, երբ մութը աղէկ մը կոխած, ժամը 1-1½ կար, դուռը զարկին եւ Արտեան Հովիւեանը ներս մտաւ այլարած դէմքով, ու առանց բարեւ մը տալու, - Գարակէօզ Տիգրանը զարկին, ըսաւ. - Ա՜խ, աս ի՞նչ էր ըրին. ազգին ալ, Կուսակցութեան ալ մեծ հարուած, աղաղակեցի։ Յետոյ Արտեան Հովիւեան Բարիզ կը պատմէր այդ րոպէին իմ գրեթէ խելագարումս, եւ երկու ձեռքերս ուժգին գլխուս զարնելս այս աղէտին ի լուր. - Մեռա՞ւ, հարցուցի. - Ո՛չ։ Քիչ մը հանգստացայ։ Յաջորդ օրը [Հնչակեան] Գործադիր մարմնին անդամներէն ոմանք եկան զիս գտան։ Շա՛տ ծանր խօսեցայ. բայց եղածը եղած էր, ու եղելութիւնը հետեւեալ կերպով պատմեցին։ Ղալաթիա վաճառական մը` Մ...եան, որմէն 200 ոսկի պահանջուեր է, խոստացած է եղեր այդ օրերը վճարել, բայց երբ գանձումին համար Հնչակեան մը ներկայացած է, տրուած պատասխանը մերժողական եղած է։ Ու ետքէն ստոյգ աղբիւրէ իմացեր են որ Գարակէօզեան Տիգրանը արգելք եղած է խոստումին
56
կատարմանը. - Ատ չափզըններուն բան մը չտուի վռնտեցի, ըսեր է Մ...ին, ինչ կրցան ընել որ, դուն ալ մի տար. ի՞նչ կրնան ընել որ։ Այս տեղեկութիւնը մեր կրակոտ երիտասարդներուն գլուխը բռնկցուցած է։ Մէկ կողմէն` Զէյթունին ապստամբութիւնը եւ դրամի անհրաժեշտ պէտքը, միւս կողմէն` Գարակէօզեանին յարուցած արգելքը։ Ինք չտուա՛ւ թող չտար, ուրիշներ ալ չը տուին, ո՞վ բան մը ըսաւ, բայց արգե՛լք ըլլալ, բայց նախատե՞լ, բայց կուսակցութեան վարկը մէկ փարայի ընելու աշխատիլ այն պահուն երբ անդին Զէյթունը կրակի մէջ է։ Ուստի ժողովք մը ընելով որոշեր են Տիգրան Գարակէօզը սրունքէն վիրաւորել միայն վախցնելու համար։ Խնդալս չկրցի զսպել երբ այդ որոշումնին իմացայ, իբր թէ կարելի ըլլայ մէկուն ըսել` «բարեկա՛մ, կեցիր քեզի ուզած տեղէս անվնաս մը վիրաւորել կ’ուզեմ»։ Ու ինծի ալ բան մը չեն հաղորդած, գիտնալով որ անպատճառ արգելք պիտի յարուցանեմ։ Ասկէ զատ` վիրաւոր վիճակիս մէջ, վտանգաւոր համարած էին զիս խռովել, յոգնեցնել։ Ահա այս է սպանման պատմութիւնը։
Լուսաբեր, եռօրեայ, Գահիրէ, 12 Հոկտեմբեր 1907, Գ. տարի, թիւ 431, էջ 1
ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՊՈԼՍԷՆ ԴՈՒՐՍ 1896-1908
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
Այս միջոցին [իմա` Արփիար Արփիարեանի մահափորձէն եւ ապաքինումէն ետք, Հ. Ա.], իրիկուն մը, Ղալաթիա, թիւնէլ մտած միջոցիս հանդիպեցայ Վահէ Արզուեանի [Հնչակեան գործիչ, Հ. Ա.] որ մէկէն ի մէկ ըսաւ. - Այս իրիկուն հարուստներու դէմ ցոյց մը պիտի ընենք... - Ի՞նչ ցոյց։ - Տիգրան Գարակէօզեանը տէռօրի պիտի ենթարկուի։ - Արփիարը գիտէ՞, հարցուցի։ - Չէ՛, հիմա իրեն պիտի երթայի իմաց տալու, պատասխանեց Վահէ, բայց քանի որ քեզ տեսայ ա՛լ ես չեմ ուզեր երթալ, որովհետեւ ուրիշ կարեւոր գործեր ունիմ, դուն գնա՛ իրեն իմացուր եւ ըսէ՛ թէ ամէն բան պատրաստ է գործողութիւնը կատարելու համար... տես ի՞նչ կ’ըսէ։ - Բայց եթէ ընդդիմանա՞յ։ - Անմիջապէս եկուր ինծի իմաց տուր, Եանիի գարեջրատունը քեզի կը սպասեմ։ Հեւ ի հեւ վազեցի Արփիարեանի քով` որ այլեւս անկողինը թողած` բազմոցին անկիւնը կը բազմէր։
57
Պատմեցի Վահէի ըսածները։ Արփիար չափազանց յուզուեցաւ ու խռովեցաւ, - Վազէ՛ իսկոյն զինքը տե՛ս եւ ըսէ՛ որ չըլլայ թէ այդպիսի բան մը ընեն... բացարձակապէս կը հակառակիմ, թո՛ղ գիտցած ըլլան, շո՜ւտ գնա՛ զինքը գտիր... Վերադարձայ Եանիի գարեջրատունը, ուր արդարեւ Վահէ նստած էր։ Իրեն կրկնեցի Արփիարին խօսքերը։ Ժամացոյցը նայեցաւ եւ պատասխանեց. - Կարծեմ այլեւս ուշ մնացինք, գործողութիւնը կատարուած ըլլալու է...։ - Բայց Արփիար բացարձակապէս հակառակ է այդ մահափորձին, պնդեցի։ - Երթամ նայիմ, եթէ տակաւին ժամանակը չէ անցած ու կարելի է արգիլել` այն ատեն կը յետաձգենք գործողութիւնը, ըսաւ Վահէ ոտքի ելլելով։ Միասին դուրս ելանք եւ ինք բաժնուեցաւ ինէ Կալաթա-Սարայի դիմաց եւ ես մտայ Թօքաթլեանի սրճարանը, որ այդ թուականին գրեթէ մեր կեդրոնատեղին էր։ - Տիգրան Գարակէօզեանը զարկեր են...։ Առաջին անգամ այս լուրը լսեցի ներս մտնելով։ Ուշ մնացեր էինք...։ Ա՛լ չհամարձակեցայ Արփիարին քով վերադառնալ եւ հետեւեալ օր ուրիշներէն իմացայ եղելութիւնը։ Տիգրան Գարակէօզեանի վէրքերը, առաջին անգամ թեթեւ կը կարծուէին, բայց խեղճը մէկ երկու օր ետքը մեռաւ։ Իր դէմ եղած գլխաւոր ամբաստանութիւնը այն էր թէ ինք յեղափոխութեան, կամ սուրբ գործին, ինչպէս կ’ըսէին, դրամ չվճարելէ զատ, վճարելու տրամադրութիւն ունեցող հարուստներուն ալ կը խրատէր եւ նոյն իսկ կը ստիպէր դրամ չտալու։
Ժամանակ, օրաթերթ, Կ. Պոլիս, 24 Օգոստոս / 6 Սեպտեմբեր 1912, Դ. տարի, թիւ 1199, էջ 1
------
26. ՊՕՂՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ (սպանութիւն) 1896, Վան Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Վանայ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութիւն
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ
58
Վանից մեզ տեղեկագրում են հետեւեալը.«Վանայ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութեան որոշումով մահւան դատա-
պարտուեցաւ եւ սպաննուեցաւ յայտնի ազգավնաս Պօղոս եպիսկոպոսը։»
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 29 Փետրուար 1896, իններորդ տարի, թիւ 4, էջ 4
------
27. ԿԱՐԱՊԵՏ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ (սպանութիւն) 15 Ապրիլ 1896, Վան Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Հնչակեան տէռօրիստ Կազմակերպող` Վանայ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութիւն
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Վանից մեզ տեղեկագրում են հետեւեալը. «Վանայ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութեան որոշումով մահուան դատապարտուեցաւ եւ սպաննուեցաւ յայտնի մատնիչ եւ դաւաճան Կարապետ Նալբանդեանը։ Տէռօրիստը ազատ է եւ ժողովրդի ոգեւորութիւնը` աննկարագրելի։» Մանրամասնութիւնները Հնչակի յաջորդ համարում։
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 31 Մայիս 1896, իններորդ տարի, թիւ 11, էջ 88
ՆԱՄԱԿ ՎԱՆԻՑ
ՇԱՄԻՐԱՄ Վան, 10 ապրիլ 1896
Անցեալ չորեքշաբթի, ապրիլ 3/15-ին, առաւօտեան ժամը 1-ին (ը. թ.), քաղաքամէջ Տիրամայր եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր խռնուած էր ժողովուրդը, տեղի ունեցաւ նշանաւոր մատնիչ եւ դաւաճան Կարապետ Նալբանդեանի սպաննութիւնը, որը մահուան դատապարտուած էր Վանի Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութեան կողմէ։ Հնչակեան տէռօրիստը որ ստանձնած էր այդ վատն սպաննելու գործը, վաղուց ի վեր կը պտըտէր նորա ետեւէն. վերջապէս ներկայացաւ յարմար րոպէն։ Նոյն օրը մատնիչը այդտեղ ներկայ էր իր փեսայի յուղարկաւորութեան հանդիսի առթիւ։ Խուռն բազմութեան աչքի առջեւ, տէռօրիստը մի րէվօլվէրի պայթիւնով վար կը գլորէ երկար տարիներ հայ ժողովրդի եւ
59
մասնաւորապէս Վասպուրականի հայութեան բաղդին հետ խաղացող անզգամը։ Գնդակը ձախ կողմէն էր անցեր։ Մահը անմիջական չէր. օգնութեան հասնող բժիշկը գնդակի վերջնական ազդեցութեան պայմանաժամը որոշած էր 24 ժամ։ Բարեբաղդաբար մահառիթ գնդակն իրեն այցելելէն դեռ չանցած 18 ժամ, մահապարտը տուաւ իր վերջին դժոխաշունչ հառաչանքը եւ անցաւ իր վաղեմի բարեկամ եւ գլխաւոր «պաշտօնակից» Շէյխ Պօղոսի գիրկը, որը դեռ հազիւ ասկէ երեք ամիս առաջ ստացած էր նոյնպէս Հնչակեան մահաբեր գնդակը, իբր վարձատրութիւն իր բազմամեայ ազգադաւ գործերի եւ մատնութիւնների։ Տէռօրիստը ազատ է. ժողովրդեան ոգեւորութիւնը աննկարագրելի է։ Տեղական կառավարութիւնը յանձին Կարապետ Նալբանդեանի կորցնելով իր ամենագլխաւոր աջակիցներէն մէկը, շուարած ու կատաղած է։
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 10 Յունիս 1896, իններորդ տարի, թիւ 12, էջ 94
------
28. ՍԵԴՐԱՔ ՅԱԿՈԲ ԱՇԸԳՊԱՇԵԱՆ (սպանութիւն) 22 Մայիս 1896, Կ. Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Հնչակեան տէռօրիստ Կազմակերպող` Կ. Պօլսոյ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութիւն
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կ. Պօլսից մեզ տեղեկագրում են հետեւեալը. «Երէկ գիշեր, 10/22 մայիսի, Կ. Պօլսոյ Հնչակեան Մասնաճիւղի Վարչութեան որոշման համաձայն, սպաննուեցաւ յայտնի լրտես եւ մատնիչ Արաբկիրցի Սեդրաք Յակոբ Աշըգպաշեանը, Հնչակեան տէռօրիստի դաշոյնով։ Տէռօրիստը ազատ է։ Մանրամասնութիւնք նամակով»
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 31 Մայիս 1896, իններորդ տարի, թիւ 11, էջ 88
60
ՆԱՄԱԿ Կ. ՊՕԼՍԻՑ
Կ. Բ.
Ղուրպան Պայրամի առթիւ սուլթանի փառաց համար առաջին ողջակէզը ըրին Հնչակեանները։ Ուրբաթէն շաբաթ լուսնալու գիշերը Հնչակեան տէռօրը Ղալաթիոյ փողոցներուն մէկուն մէջ դաշոյնով սպաննեց յայտնի լրտես եւ մատնիչ Արաբկիրցի Սեդրաք Յակոբ Աշըգպաշեանը։ Այս վատը միայն վերջին 8-10 օրուան մէջ 70-80 անմեղներ ձերբակալել տուած էր իր լրտեսութեամբ։ Սեդրաք, սուլթանի կառավարութեան այդ հաւատարիմ ծառան, Ղալաթիոյ բաղնիքը կը տարուի արիւնաթաթախ եւ թէլլաքներու բաղկաց մէջ կը փչէ իր վերջին շունչը։ Վատ մատնիչին սպանութիւնը ոգեւորիչ տպաւորութիւն ունեցաւ հասարակութեան վրայ, որ սաստիկ յուզուած ու կատաղած էր նորա վերջին մատնութիւններէն։ Տէռօրիստը, շնորհիւ վեհ. սուլթանին, ազատ եւ ապահով է։
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, 10 Յունիս 1896, իններորդ տարի, թիւ 12, էջ 93
------
29. ՄԱՐԳԱՐ (հա՞յ թէ ասորի) (սպանութիւն) 28 Մայիս 1896, Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Դաշնակցական ահաբեկիչ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ. ՊՈԼՍՈՒՄ
Մայիսի 16/28-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին (ը. ե.). Դաշնակցական ահաբեկիչները Գումգաբուի բազմամբոխ հրապարակին վրայ գնդակի հարւածով գետին տապալեցին հռչակաւոր դաւաճան փօլիս-քօմիսէր ՄԱՐԳԱՐԸ։ Սարսափը եւ միանգամայն ուրախութիւնը ընդհանուր է։ Ահաբեկիչները ազատ են։ Մարգարը Նազըմի աչքին լոյսն էր եւ Պոլսոյ լրտեսութեան ամենէն հզօր նեցուկը։ Առաջին անգամ այս գարշելին էր, որ կին լրտեսներ կազմելու գաղափարը յղացաւ եւ գործադրեց։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յունիս 1896, թիւ 15, էջ 113
61
ՆԱՄԱԿ ՊՈԼՍԻՑ
23/4 մայիս 96 թ.
Մեռած Պոլիսը սկսեց յուզւիլ դաշնակցութեան ահաբեկիչներուն յանդուգն գործերով. դաշնակցականները յոգնիլ ու վհատիլ չեն գիտեր։ Գարաքէօյի հերոսական դէպքին գրեթէ հաւասար գործ մ’եղաւ Գումգաբուինը։ Գումգաբուի ամենէն մարդաշատ հրապարակին վրայ ցերեկով ոստիկանքօմիսէր Մարգար զարնւեցաւ։ Մարգար Գումգաբուի ցոյցին ատեն սպանւած լրտես ասորի Կարապետին հօրեղբօր որդին էր։ Բոլոր ժողովուրդը հիացումով կը խօսի ահաբեկիչին սառնասիրտ արիութեան վրայ։ Ատրճանակի երկու գնդակները Նազմի սիրելիին վրայ արձակելէ վերջ, հերոսը քանի մը վայրկեան սպասած է դիտելու համար գետինը փռւած դաւաճան զոհը։ Այդ միջոցին մէկը չէ համարձակած մօտենալ սպաննողին` որ տեսնելով թէ Մարգար անշարժ ինկած է, սկսեր է հեռանալ, իր ետեւ թողլով սարսափի անբացատրելի ազդեցութիւն մը։ Խանութները անմիջապէս սկսեր են փակւիլ ու ամեն մարդ փախիլ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յունիս 1896, թիւ 15, էջ 114-115
------
30. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ (սպանութիւն) 8 Յունիս 1896, Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Դաշնակցական ահաբեկիչ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ. ՊՈԼՍՈՒՄ
Մայիսի 27/8-ին, ժամը 7½-ին (ը. ե.). Դաշնակցական ահաբեկիչներէն մէկը, Գումգաբու սրճարանի մը մէջ դաշունահար սպանեց վաղեմի լրտես Մայր եկեղեցիի լուսարար վանեցի ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԸ, որ 1890-էն ի վեր մատնիչի ստոր դերը կը կատարէր։ Ոստիկանները վրայ կը հասնին, կսկսի կատաղի կռիւ, ահաբեկիչը հերոսաբար կը մեռնի` նախապէս` քանի մը լկտի ոստիկաններու կեանքը վերցնելէ յետոյ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յունիս 1896, թիւ 15, էջ 113
62
------
31. ՄԿՐՏԻՉ (մահափորձ) 16 Յունիս 1896, Կարին Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վարդանեան խումբի ահաբեկիչ մը Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կարնոյ Կեդրոնական Կօմիտէ
ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԻՆՈՒՄ
Երեկ երեկոյ, ժամը 7-ին (ը. ե.), քաղաքի Կանա-ճամբայ ըսւած մասի մէջ «Դաշնակցութեան» ահաբեկիչներէն մին գնդակի հարւածով կամեցաւ պատժել դաւաճան եւ մատնիչ բօլիս ՄԿՐՏՉԻն, բայց դժբաղդաբար արձակւած գնդակը փափագելի հետեւանքը չունեցաւ։ Ահաբեկիչը ազատ է. սարսափը ընդհանուր։ Մանրամասնութիւնները Դրօշակի մէջ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յուլիս 1896, թիւ 17, էջ 130։
ՄԱՀՒԱՆ ՎՃԻՌ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կարնոյ Կեդրոնական Կօմիտէն ի նկատի ունենալով, Որ Շաքիր փաշայի հրամանով թիւրք ոստիկանութեան միջ երեք ամսէ ի վեր պաշտօնի հրաւիրւած բօլիս Մկրտիչը (Կարինում Խուլ անունով յայտնի) արտակարգ եռանդ գործ կը դնէ յեղափոխական գործիչներուն գտնելու եւ ձերբակալելու համար, Նկատելով, որ իբրեւ մօտիկ ազգական սպանեալ մատնիչ Յարութիւն ՏէրՍարգսեանի, բօլիսի պաշտօն ստանձներ է առաւելապէս մի շարք անձնաւորութիւններէ վրէժ լուծելու համար, Նկատելով, որ դեռ մի քանի օր առաջ Իլիճէ գիւղին մէջ ինքզինքը յեղափոխական ձեւացնելով` յաջողեր է ինչ որ միամիտ երիզացու բերնէն անմիտ խոստովանութիւններ քաշել եւ անոնց հիման վրայ` իբրեւ յեղափոխական` ձերբակալելով ուղարկեր է քաղաքի բանտը եւ վերջապէս, Նկատելով, որ շարունակ հալածելով իր ազգակիցները, հրաւիրեր է իր վրայ հայ հասարակութեան արդարացի զայրոյթն ու զզւանքը` Մահւան վճիռ արձակեց անոր դէմ։ ԿԱՐՆՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷԻ Թռուցիկ թերթ, թիւ 6, 30 (ն. տ.) մայիսի
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յուլիս 1896, թիւ 17, էջ 134-135
63
ՆԱՄԱԿ ԿԱՐԻՆԻՑ
1/13 յունիս 96 թ.
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» Կեդրոնական Կօմիտէի որոշմամբ` տեղական «Վարդանեան» խմբի ահաբեկիչներէն մին ամսոյս 16-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին (ը. ե.) գնդակի հարւածով փորձեց սատկեցնել մատնիչ փոլիս Մկրտչին, բայց հարւածը դժբաղդաբար չունեցաւ փափագելի արդիւնքը։ Սարսափը մեծ եղաւ, անյաջողութեան մէջ անգամ փաստը վերջին աստիճանի ոգեւորիչ էր ժողովրդի համար։ Ահաբեկիչը ազատ է։ Կառավարութիւնը կատղած` գործողութեան յաջորդ օրը դիմեց իր սովորական անարգ միջոցներուն. մի կողմէ մատնիչ ոստիկանի ցուցումներով իբրեւ կասկածելի մեղսակիցներ, ձերբակալեց մօտ 20 անձնաւորութիւն, միւս կողմէ կատաղաբար սկսաւ տները խուզարկել ահաբեկիչները գտնելու նպատակով։ Ո՛չ մի փողոց ազատ չմնաց խուզարկութենէ համարեա։ Այնուամենայնիւ հակառակ ձեռք առնւած ծայրայեղ խստութիւններուն, մինչեւ օրս` երկու շաբաթ անցած, ահաբեկիչը եւ ուրիշները կը շարունակեն շնորհիւ վեհափառ սուլթանի ազատ մնալ կառավարութեան քթի տակ։ Ձերբակալւածներուն` մանաւանդ 5-6-ին, բանտի մէջ կենթարկեն սաստիկ տանջանքներու` չարիքի աղբիւրը գտնելու եւ միանգամայն ցամաքեցնելու համար. յիմարները տակաւին չեն հասկցեր, թէ յեղափոխութիւնը եօթն գլխեան դեւ է, թէ մի յեղափոխականի ընկնելով` անոր տեղ կը կանգնին իսկոյն մի քանիները։ Իւրաքանչիւր օր ապահովութեան համար սուլթանին աչքի լոյսի հեռագիրներ տւող նահանգապետ Ռէուֆ փաշայի բարկութիւնը անսահման է եւ այդ գլխաւորապէս անոր համար, որ միեւնոյն օրւայ մէջ միաժամանակ տէրրօրական գործողութիւններ կը կատարւին թէ Պոլսոյ եւ թէ Կարնոյ մէջ։ Զուգադիպութիւն, որ թողուց մի առանձին ազդեցութիւն ե՛ւ հայ ե՛ւ թիւրք հասարակութիւններու վրայ։ Չափազանց բնորոշ են կատարւած տէրրօրի առիթով նահանգապետի հանդիսաւորապէս արտասանած խօսքերը։ «Ջանըմ, պու նէ՞ էտէպսիզ միլլէթ, հալիա թէրպիյէ օլմատլար. պիր պուչուդ էրմէնի գալտը` կինէ րահաթ տուրմայօլար»։ (Ի՞նչ անամօթ ազգ են սոքա. դեռ եւս խելքի չեկան – կոտորածները կակնարկէ, մէկ ու կէս հայ մնաց, դարձեալ հանգիստ չեն մնար)։ Հա՛յ ժողովուրդ, այդ խօսքերը գովեստ են քեզ համար, այո՛, այդ խօսքերը գովեստ են քեզ համար, այո՛, դու այնքան լիրբ ես գծուծ նահանգապետի կարծիքով, որ չանարգելով բիւրաւոր նահատակներիդ յիշատակը, որ խոյս չտալով քո անբռնաբարելի իրաւանաց պաշտպանութեան համար յայտարարած սրբազան կռւէն, որ չդաւաճանելով ինքդ քեզ` կը շարունակես քո ծոցէն դուրս տալ
64
անձնուրաց որդիք, տանջւող ժողովրդի ազատութեան գաղափարով տոգորւած յեղափոխականներ։ Հա՛յ յեղափոխական, սի՛րտ առ, տես ի՛նչ կըսէ Մեծ-Ոճրագործի ներկայացուցիչը. մէկուկէս հայ ալ մնաց` քո մղած կռիւդ միշտ կռիւ է... Կեցցէ՜ յեղափոխութիւն, Կեցցէ՜ ահաբեկիչ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 15 Յուլիս 1896, թիւ 17, էջ 135
------
32. ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՃԷՄԵԱՆ (մահափորձ) 12 Օգոստոս 1896, Վան Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան տէրրօրիստներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՆՈՒՄ
Այսօր (յուլ. 31-ին [հ.տ.]), առաւօտեան ժամ 1-ի (ը. թ.) ատեններ կատարւեցաւ երկրորդ տէրրօրը Վանի մէջ Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան տէրրօրիստների ձեռամբ նշանաւոր դաւաճան եւ մատնիչ ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՃԷՄԵԱՆ-ի վրայ, որ յայտնի էր ժողովրդի մէջ Բաշօ անունով։ Ժողովուրդը գոհ է. ափսո՜ս, որ չսատկեցաւ։ Գնդակը մէկ երեսը ծակած ու միւս երեսէն դուրս ելած է։ Տէրրօրիստն ազատ է։ Կառավարութիւնն սկսած է խուզարկութիւններ ընել։ Այս դաւաճանին գործերը շա՜տ շատ են, զորս կը թւենք պատեհ առթին։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 28 Սեպտեմբեր 1896, թիւ 22, էջ 160
------
33. ԿՈՄԻՏԱՍ ՔԱՀԱՆԱՅ (սպանութիւն) 2 Նոյեմբեր 1896, Վան Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
65
ՏԷՐՐՕՐ ՎԱՆՈՒՄ
Հոկտեմբեր 20/2-ին տէրրօրի ենթարկւեց ԿՈՄԻՏԱՍ ՔԱՀԱՆԱՆ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 18 Դեկտեմբեր 1896, թիւ 28, էջ 217
------
34. ԳԷՈՐԳ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆ, ՄՈՒՐԱՏ ԷՖ. ԵՒ ԽԱՉՕ (սպանութիւն եւ մահափորձ) 1897, Բաղէշ Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բաղէշի Կօմիտէ
ՏԷՐՐՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Դաշնակցութեան Բաղէշի Կօմիտէի որոշումով մահւան դատապարտւեցան` ԳԷՈՐԳ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆ, ՄՈՒՐԱՏ էֆ. եւ նշանաւոր մատնիչ ԽԱՉՕ։ Առաջին երկուքը զարնւեցան ու չսատկեցան, իսկ երրորդը անմիջապէս փչեց չունչը հրացանի երկու հարւածներու տակ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 31 Մայիս 1897, VII տարի, թիւ 8, էջ 57
------
35. ՊՕՂՈՍ ԿՈՇՏԵԱՆՑ (սպանութիւն) 1897, Մեծք գիւղ (Բաղէշ) Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կօմիտէ
ՏԷՐՐՕՐ ԲԱՂԷՇԻ ՆԱՀԱՆԳԻՆ ՄԷՋ
Կօմիտէիս որոշմամբ տէրրօէրի ենթարկւեցան, մէկը միւսի ետեւէն, հետեւեալ հինգ անձերը, իբր հարստահարող, մատնիչ եւ ոճրագործ.1. Մեծք գիւղին մէջ սպաննել տրուեցաւ կառավարութեան պաշտօնեայ ԿՈՇՏԵԱՆՑԻ ՊՕՂՈՍԸ, ծանօթ մատնիչ եւ վաշխառու։
66
[Միւս չորս անունները օտարազգիներ են, Հ. Ա.]
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 13 Սեպտեմբեր 1897, VII տարի, թիւ 11, էջ 89
------
36. ՌԷՍ ԲԱՐՍԵՂ (սպանութիւն) Նոյեմբեր 1898, Խասգիւղ (Մուշ) Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բաղէշի Կեդրօնական Կօմիտէ
ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ
Բաղէշի Կեդրօնական Կօմիտէի վճռով` 1898 նոյեմբեր ամսուն` Մուշի Խասգիւղի մէջ մահւան պատժի ենթարկւեցաւ նոյն գիւղացի հանրածանօթ մատնիչ ՌԷՍ ԲԱՐՍԵՂ-ը, որ իր պժգալի արարքներով պատուհաս մը եղած էր գիւղին եւ խոչընդոտ մը յեղափոխական գործին։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 28 Փետրուար 1899, IX տարի, թիւ 2 (93), էջ 18
------
37. ՍՏԵՓԱՆ ԵՒ ԽՈՒՍ ԱՌԱՔԵԼ (սպանութիւն) 3 Յունուար 1899, Պարսկաստան Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պարսկաստանի Կեդրօնական Կօմիտէ
ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ
Պարսկաստանի Կեդրօնական Կօմիտէի վճռով` Յունւար 3-ին (ն. տ.) երեկոյեան ժամը 6-ին մահւան պատժի ենթարկւեցան 9 նահատակ զինւորներու մատնութեան գործին գլխաւոր հեղինակներէն երկուքը` ՍՏԵՓԱՆ եւ ԽՈՒՍ ԱՌԱՔԵԼ։ Միւս մատնիչներու մասին Կօմիտէի վճիռը կը
67
մնայ գաղտնի։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 28 Փետրուար 1899, IX տարի, թիւ 2 (93), էջ 18
------
38. ԿԱՐԱՊԵՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԵՍԱՅԵԱՆ (սպանութիւն) 5 Սեպտեմբեր 1899, Յավրան գիւղ (Մուշ) Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Տարօնի Կեդրօնական Կօմիտէ
ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ
Տարօնի Կեդրօնական Կօմիտէի վճռով` Օգոստոս 24-ին (հ. տ.), իրիկուան ժամը 1-ին, մահւան պատժի ենթարկւեցաւ Մուշի Յավրան գիւղին մէջ, Ս. Կարապետի նախկին միաբան, ԿԱՐԱՊԵՏ վարդապետ ԵՍԱՅԵԱՆ։ Դատապարտեալը ծանօթ է այն գարշելի դերով, որ խաղաց 1894-ին վերջերը, Սասունի ջարդը թագցնելու համար Միջազգային քննիչ յանձնաժողովին առջեւ։ Անկէ իվեր կառավարութեան պաշտօնէութեան մէջ կը մնար իբր լրտես-մատնիչ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Հոկտեմբեր 1899, IX տարի, թիւ 9 (100), էջ 129
------
39. ՏԻԳՐԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (սպանութիւն) 3 Յունուար 1900, Խոյ Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Դաշնակցական տեռօրիստ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վրէժ Կեդրօնական Կօմիտէ
ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ
68
«Վրէժ»-ի Կեդրօնական Կօմիտէի վճռով` 1900 թւի յունւարի 3-ին, ժամը 6-ին երեկոյեան, Խոյ քաղաքի պարսից թաղի
մէջ, տեռօրիստի մի քանի հարւածներով մահւան ենթարկւեց նախկին յեղափոխական, Հին-Նախիջեւանի Ջահրա գիւղացի, ՏԻԳՐԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԸ, որ ամուսնացած էր Սալմաստում։ 1896 թւից Սալմաստում, զէնքի փոխադրութեամբ զբաղւելով, նա որոշ հաւատ է ձեռք բերում «Վրէժ»-ի Կեդրօնական Կօմիտէի շրջանում, բայց 1898-1899 թւականներին նա իչարն է գործ դնում այդ հաւատը ծախելով եւ գրաւ դնելով կազմակերպութեան միքանի հրացանները։ Այնուհետեւ` երբ 1899-ին Կօմիտէն նրանից հաշիւ է պահանջում, նա Սալմաստից Խոյ է փոխադրւում եւ այնտեղ մի ազդեցիկ պարսկի «ռայեաթ» դրւելով, սպառնում է իրեն ծանօթ եւ Խոյից անցուդարձ անող յեղափոխականներին մատնել կառավարութեան ձեռքը, եթէ չդադրեն ոեւէ պահանջներ իրեն անելուց։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մարտ 1900, X տարի, թիւ 2 (103), էջ 32
------
40. ԳԵՂԱՇԷՆՑԻ ԱՒԷ, ՇԷՆԸՔՑԻ ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՌՔՕՅԵԱՆ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ (սպանութիւն) 1901 Հանգամանք` Դաւաճաններ Սպաննողներ` Դաշնակցութեան հրոսակներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԵՌՕՐԻՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Զբաղանքի աւերիչ եւ ՍԵՐՈԲի սպանող Պշարի Խալիլ աղան, որ սուլթանէն պատւանշան ստացած էր ի վարձատրութիւն իր կատարած չարագործութիւնների համար, Մուշէն երեք ժամ հեռու «Դաշնակցութեան» հրոսակներու ձեռքով սպաննւած է, իրեն երկու թիկնապահներու հետ միասին։ Նոյն հրոսակները սպանած են նաեւ Սերոբի դաւաճանները` Գեղաշէնցի Աւէն, իր աներձագը, Շէնըքցի Կարապետ Առքօյեանը եւ ուրիշներ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մայիս 1901, XI տարի, թիւ 3 (114), էջ 57
------
69
41. ՍՕՂՕ ՄԵԼՔՕՆ ՔԷՕՍԷԵԱՆ (սպանութիւն) 31 Մարտ 1902 Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Աղբիւր-Աւար խմբի տէռօրիստներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Շամիրի Պատասխանատու Կեդրոնական Կօմիտէ
ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ
Շամիրի պատասխանատու Կ. Կօմիտէի վճռով` Մարտ 31-ին, X քաղաքի մէջ, «Աղբիւր-Աւար» խմբի տէռօրիստների միջոցով մահւան պատժի ենթարկւեցաւ Խալաթ գաւառի Ուրտափ գիւղացի ՍՕՂՕ ՄԵԼՔՕՆ-ՔԷՕՍԷԵԱՆԸ, որի մատնութեամբ սպաննւած էր Սերոբի հօրեղբօրորդի Յակոբ Ճարտարը եւ «Դաշնակցութեան» հրացանները կառավարութեան յանձնւած։ Տէռօրիստները ազատ են։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մայիս 1902, XII տարի, թիւ 5 (125), էջ 1
------
42. ՄԵԼՔՕՆ ՔԷՕՍԵԱՆ (սպանութիւն) 10 Ապրիլ 1902, Պաթում Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Դաշնակցական ահաբեկիչներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Պատասխանատու Կեդրոնական Կօմիտէ
ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրօի 1896 թւակիր եւ վերջերս Կ. Պօլսոյ Պատասխանատու Կեդր. Կօմիտէի վճռի համաձայն` ապրիլի 10-ին Բաթում քաղաքում տեռօրի ենթարկւեց Երզնկայի Էրկան գիւղացի, 28 տարեկան սափրիչ Մելքօն Քէօսեան, որը 1896 թ. իվեր Դաշնակցութեան պատկանող 10 հրացաններ իւրացրել եւ անյայտացել էր։ Ահաբեկիչները ազատ են։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Հոկտեմբեր 1902, XII տարի, թիւ 10 (130), էջ 160
70
------
43. ԳԱՐԵԳԻՆ ՏԷՐ-ՄԱՆԻԿԵԱՆ (սպանութիւն) 6 Օգոստոս 1902, Զմիւռնիա Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Դաշնակցական ահաբեկիչներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԷՌՕՐ
Օգոստոս 6 չորեքշաբթի առաւօտ ժամը (ը. ե.) 9½-ին Զմիւռնիա` Թօփալեան եղբարց մեծ վաճառատան մէջ` դաշնակցական ահաբեկիչներու ձեռքով տէռօրի ենթարկւեցաւ նշանաւոր մատնիչ Գարեգին Տէր-Մանիկեան։ Ահաբեկիչները ազատ են։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Օգոստոս 1902, XII տարի, թիւ 8 (128), էջ 127
------
44. ԽԱՐԸՍԸՂ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՒ ՊՕՅԱՃԻ ԳԱԼՈՒՍՏ (սպանութիւն) 1902, Զմիւռնիա Հանգամանք` Դաւաճաններ Սպաննող` Էդուարդ Պալապանեան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
Բնիկ Իզմիրցի, Էդուարդ Պալապանեան, ընդամենը 18 տարեկան։ Կիմանայ, որ երկու վատեր` Խարըսըղ Կարապետ եւ պօյաճի Գալուստ կառավարութեան ձեռքն են մատներ Դրօշակ կարդացող երիտասարդ մը (Իրենք իսկ, մատնիչները յայտարարեր էին այդ, ի լուր ամենուն) ու տղան բանտարկւեր էր։ Պատանի Էդուարդ, ձայնակցելով Կազմակերպութեան հրաւէրին, կերթայ ու տերրօրի կենթարկէ երկու մատնիչները, միեւնոյն օրը, միեւնոյն ժամուն։ Կը սկսի խուճապն ու հետապնդումը ոստիկաններու կողմէ։ Պատանին շաբաթ մը քաղաքին մէջ պահւելէ վերջ, կորոշէ փախչիլ, մակոյկ մը կառնէ ու ծովը կը նետւի։
71
Մակուկավարը կը մատնէ զինքը եւ տղան շուտով կը պաշարուի 10 ոստիկաններէ։ Կը քաշէ ատրճանակը, կը զարնէ նախ մակուկավարը, ապա ոստիկաններէն մէկ քանին ալ վիրաւորելէ յետոյ, վերջին գնդակը իր կուրծքին կուղէ եւ ձերբակալւելէն քանի մը ժամ վերջ, կը մեռնի, յայտնելով, որ ինքը միայն պատասխանատու է կատարւած երկու տերրօրներուն համար։
Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան, 1992, էջ 375
------
45. ՄԱՏԹԷՈՍ ՊԱԼԷՕԶԵԱՆ, ՄԱՔՍՈՒՏ ԱՍԼԱՆԵԱՆ ԵՒ ԳԱՐԵԳԻՆ (սպանութիւն) 1902, Զմիւռնիա Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Խորէն Սարգիսեան (Պետրոս Ազիզօֆ) եւ Հրաչ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Զմիւռնիայի Կեդրոնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐ
Զմիւռնիայում վերջերս տեղի ունեցած դէպքերի առիթով` Հ. Յ. Դաշնակցութեան տեղական Կ. Կօմիտէն մահւան էր դատապարտել մի քանի լրտեսների։ Դրանից ամենայայտնին` Մաքսուտ Ասլանեան սպանւեց յուլիսի 2/15-ին, ցերեկով, քաղաքի հրապարակի վրայ։ Տէռօրիստները ազատ են։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յուլիս 1902, XII տարի, թիւ 7 (127), էջ 112
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
Երբ զարնւեցան առաջին լրտեսները, Պոլսոյ ոստիկանութիւնը անոնց տեղ Իզմիր ճամբեց աւելի փորձառու մէկը, - հայ Մաքսուտը։ Ասոր կը գործակցէր տեղացի հայ մը։ Եւ երկու լրտեսներն ալ նիւթապէս ու բարոյապէս կը հովանաւորէր տեղւոյն հայ Կրեսոսը.- Մատթէոս Պալէօզեան, որ ազդեցիկ մէկն էր կառավարական շրջաններու մէջ։ Ասոնց հետապնդումով կուսակցական գործիչներէն Վարդը անակնկալի բերւելով ձերբակալւեցաւ եւ տանջանքներէ յետոյ ցկեանս
72
բանտարկութեան դատապարտւեցաւ։ Կազմակերպութիւնը, բնականաբար, տեղի չտւաւ եւ չարաչար պատժեց հայ ցեցերը։ Մաքսուտ եւ Գարեգին (երկրորդ լրտեսին անունը) տերրօրի ենթարկւեցան։ Նոյն բախտն ունեցաւ եւ Պալէօզեանը, որ յամառօրէն կը շարունակէր աջակցիլ ոստիկանութեան։ Անոր տերրօրը կազմակերպեց ինքը Հրաչը (1902թ.)։ Ահաբեկիչն էր Մանիսացի Պետրոս Ազիզօֆ (բուն անունով Խորէն Սարգիսեան)։ Ազիզօֆ ձերբակալւեցաւ եւ երեք տարւան բանտարկութենէ վերջ, մահւան պատիժ կրեց կախաղանով (1905-ին)։ Այդ քաջասիրտ երիտասարդը, որ 1898-ին մասնակցեր էր Խաստուրի արշաւանքին, կը սիրէր վտանգը եւ կը ստանձնէր ամենադժւարին պարտականութիւններ։ Իր ձեռքով էին աղէտւած Թիֆլիսի ու Ալեքսանդրապօլի մէջ երկու ուրիշ մատնիչներ, Սամուէլ եւ Շիկօ, նմանապէս աւազակապետ Շէրիֆ բէկը Բագուի մէջ։ Ոստիկանութիւնը ձեռք անցուց եւ Հրաչը, որ դատապարտւեցաւ ցկեանս բանտարկութեան։ Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան, 1992, էջ 375
------
46. ԻՍԱՀԱԿ ԺԱՄՀԱՐԵԱՆ (սպանութիւն) 28 Դեկտեմբեր 1902, Մոսկուա Հանգամանք` Մեծահարուստ Սպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Փոթորիկ խումբ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՄԱՀԳՈՅԺ ԻՍԱՀԱԿ ԺԱՄՀԱՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 15-ին [հ. տ.] եղեռնագործի դաշոյնի հարուածներին զոհ գնաց մի բարեսիրտ եւ համեստ հայ մարդ, որ իւր առատաձեռն բարեգործութիւններով յայտնի էր մեր հասարակութեանը։ Իսահակ Ժամհարեանը սպանուեց Մոսկուայում այն վայրկեանին, երբ երկիւղած սրտով Աստուծոյ տաճարն էր ուզում մտնել. չարագործը յանկարծ յարձակւում է միամիտ ժամաւորի վրայ եւ դաշոյնի հարւածներով տեղն ու տեղը անշնչացնում է նրան։ Օգնեցէ՛ք – աղաղակի վրայ եկեղեցուց դուրս են վազում շփոթուած աղօթողները եւ հազիւ կարողանում են զինաթափ անել չարագործին, որ ինքնապաշտպանութեան դիմելով` հասարակութիւնից մի քանիսին եւս վիրաւորում է։ Եղեռնագործն իրեն անուանում է Յակոբջանեան եւ Եաղուրեան պարսկահպատակ։ Ռուս թերթերը ենթադրում են,
73
որ այս չարամիտ եղեռնագործութիւնը կապ ունի անցեալ ամառը Շուշի քաղաքում պատահած դէպքի հետ. այդ դէպքը հետեւեալն է. ամառուայ միջոցին Ժամհարեանն ընտանիքով Մոսկուայից գնում է իւր ծննդավայրը, Շուշի, որպէս զի ներկայ լինի իրենց միջոցներով նոր կառուցուած հասարակական հիւանդանոցի հանդիսաւոր բացմանը։ Հանդէսը վերջանալուց եւ իւր համաքաղաքացիների անհուն շնորհակալութիւններն ու յարգանքները վայելելուց յետոյ պ. Ժամհարեանը մտադրւում է վերադառնալ Մոսկուա, սեպտեմբերի 6-ին, սակայն նոյն ամսի 4-ին ժողովարանից տուն վերադառնալու միջոցին, գիշերուայ 11-ին, կալանաւորւում է անյայտ մարդկանց ձեռքով եւ տարւում քաղաքից դուրս գտնուող մի կիսաւեր, անբնակ տուն։ Այդտեղ նրանից ստորագրութիւն են առնում, որ միւս օրը մի որոշեալ, պայմանաւորուած տեղ բերէ 30,000 ռուբլի եւ յանձնէ այնտեղ եղողներին։ Ժամհարեանը տուն վերադառնալով` եղելութիւնը պատմում է, իմաց է տրւում ոստիկանութեանը, ասում են, հակառակ նորա կամքի – եւ որոշեալ ժամին պայմանաւորուած տեղը բռնւում են երկու անյայտ անձինք։ Ահա՛ այս անցքի հետ կապելով Ժամհարեանի սպանութիւնը, ենթադրում են, որ նա վրէժխնդրութեան զոհ է գնացել։ Ինչ պատճառներով էլ որ կատարուած լինի եղեռնագործութիւնը, խիստ ցաւալի է մեր հասարակութեան համար Իսահակ Ժամհարեանի պէս անձի կորուստը։ Նա իւր կարողութիւնից միշտ բաժին էր հանում հասարակական կարիքներին. կարիք ունեցողը` լինէր հաստատութիւն, թէ հասարակական գործիչ, միշտ վստահ էր, որ Ժամհարեանին դիմելով` դատարկաձեռն չէր յետ դառնայ։ Ժամհարեանների բազմաթիւ մասնաւոր եւ անհատական բարեգործութիւնների մէջ աչքի են ընկնում Շուշի քաղաքի նորակառոյց, հոյակապ հիւանդանոցը եւ Կիլիկիայում գոյութիւն ունեցող որբանոցը։ Յաւիտենական հանգիստ բարեսիրտ եւ առատաձեռն զոհի ոսկորներին։
Լումայ, Թիֆլիս, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1902, եօթներորդ տարի, թիւ 6, էջ 307-308
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
«Փոթորիկ»-ի առաջին հարւածն իջաւ ծանօթ միլիոնատէր Իսահակ Ժամհարեանի վրա։ Այդ մարդու մօտ` Կազմակերպութիւնը ըրեր էր արդէն ապարդիւն դիմումներ, 1900-ի սկիզբները, Ֆրանսայի հարաւում, Նիսի մէջ։ Այս երկրորդ փորձն էր – եւ այս անգամ սպառնալիքով։ 1902-ի ամառը, մէկ գիշեր, երբ Ժամհարեան Շուշիի քաղաքային ակումբէն իր տունը կը վերադառնար, «Փոթորիկ»-ի խումբը ձերբակալեց զինքը եւ տարաւ քաղաքէն դուրս, ամայի տեղ
74
մը, երկարօրէն բացատրեց Կուսակցութեան նպատակը, յորդորեց, «համոզեց», որ հակառակ պարագային իր կեանքը պիտի վտանգւի։ Աւելորդ է նկարագրել գոռոզ դրամատիրոջ հոգեկան վիճակը այդ անակնկալ բանտարկութեան երկար ժամերուն։ Մահւան սարսափի տակ, նա խոնարհօրէն կ’աղերսէ տղաներուն, որ ազատ ձգեն զինքը, կերդւի իր բոլոր աստւածներով, որ անմիջապէս պիտի կատարէ յեղափոխականներու պահանջը, առանց մատնելու գաղտնիքը ռուս իշխանութիւններուն։ Եւ այդ խոստումն առնելով, մերոնք ազատ կը ձգեն բանտարկեալը։ Ուրիշ ելք չունէին արդէն։ Դիւրին բան չէր օրերով պահել կալանաւորը քաղաքի շրջակայքում։ Դէպքը արդէն մեծ յուզմունք էր յարուցեր, ոստիկանութիւնը ոտքի էր։ Միակ ելքն էր` հաւատալ Ժամհարեանի խօսքին եւ տուն ճամբել զայն։ Վերջին անգամ «Փոթորիկ»-ի խումբը կը յորդորէ անոր` գաղտնապահութեամբ, խաղաղ կերպով կարգադրել գործը, եւ նորէն ու վճռական շեշտով կը յայտարարէ, որ մերժումի ու մատնութեան պարագային երբեք չպիտի ազատւի Դաշնակցութեան ձեռքէն եւ վաղ թէ ուշ մահով պիտի պատժւի։ Կը պայմանաւորւին, որ յաջորդ օրն իսկ, որոշեալ ժամուն` Ժամհարեան անձամբ բերէ պահանջւած գումարը նշանակւած տեղը (Պեխէ Աղբիւրին մօտները) ու յանձնէ յեղափոխականներուն։ Ինչպէս վերը բացատրեցինք, Դաշնակցութիւնը որոշած էր ամէն կերպ խոյս տալ սպանութենէ։ Եւ այդ իսկ նպատակով, մեր ընկերները պահանջեցին Ժամհարեանէն համեստ գումար մը – երեսուն հազար ռուբլի – որ Մոսկւայի մեծահարուստ սեղանաւորը կրնար դիւրութեամբ զոհաբերել։ Սակայն, անվնաս տուն վերադառնալով եւ այլ եւս ինքզինքը ապահով զգալով, մարդը ոչ միայն արհամարհեց մեր ընկերներու սպառնալիքը, այլ եւ անմիջապէս լուր տւաւ Ոստիկանութեան։ Եւ նշանակւած ժամուն, երբ մերոնք կը սպասէին անտառի իրենց թագստոցի մէջ, - ոստիկաններու ստւար խումբ մըն էր, որ Ժամհարեանի ու Ոստիկանապետի առաջնորդութեամբ եկաւ ձերբակալեց դաւադիրները։ Այդպէս ձախողեցաւ «Փոթորիկ»-ի առաջին փորձը, որ ունեցաւ դղրդագին արձագանգներ ողջ Կովկասում։ Քրիստափոր եւ ընկերները չէին տարւեր պատրանքով։ Միամիտ չէին եւ գիտէին փորձէն առաջ, որ հայ կրեսոսը, անգամ մը ազատւելով, կարող էր դրժել իր խոստումը եւ ապաւինել իր աչքին ամենակարող Ոստիկանութեան... Թուրքահայոց ազատութեան գործը շատ արիւն էր հոսեցուցեր, երկար էր վատ հայերու շարանը – ուրացողներու, մատնիչներու, ամէն տեսակ դաւաճաններու – շանթահարւած հայ վրիժառու ահաբեկիչի ձեռքով... Զոհեր պէտք էին այստեղ եւս։ «Փոթորիկ»-ի աննախընթաց եւ ահաւոր ձեռնարկն եւս չպիտի անցնէր առանց արիւնի։ Հայ ունեւոր դասակարգը տասնեակ տարիներէ ի վեր արհամարհել էր հայ ժողովուրդի լաւագոյն զաւակներու գերմարդկային ճիգերը, արհամարհեր էր անոնց գոյութիւնն իսկ – պէ՜տք էր անգամ մը իջեցնել լախտի հարւածը անոր մէջքին ալ...
75
Իր սինիք մատնութեամբ Ժամհարեան արդէն դարբներ էր իր եղերական ճակատագիրը։ Եւ ահա դէպքէն քանի մը ամիս յետոյ, օր ցերեկով, Մոսկւայի հայոց եկեղեցու բակին մէջ, խուռն բազմութեան ներկայութեամբ, մատնիչը քաւեց իր յանցանքը, ընկաւ դաշոյնի հարւածներուն տակ...
Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան, 1992, էջ 267-268
ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ՀԱՅ ՅԵՂ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
ՎԱՐԴՕ
Կազմակերպութեան սնանկութիւնը թագցնելու համար, երբեմն թռուցիկ, աղմուկ հանող խմբեր էին ուղարկվում երկիր, զօր էր տրվում արտասահմանի եւրոպական պրօպականդին... ցոյց տալու համար թէ «գործում ենք»... Բայց այդ ամէնը չօգնեցին. կազմակերպութեան դրամական աղբիւրները ցամքում էին. երկրում եղած մէկ երկու գործիչները բացարձակ անօթի էին եւ բեռն արդէն աղքատացած ժողովրդի վրա։ Ահա այդ միջոցին գոյութիւն չունեցող մարմինների անունից կազմվում է Դաշնակցութեան մեծ անուն կրող խորհուրդը եւ այդտեղ ի միջի այլոց որոշվում բռնի դրամ հաւաքել Կովկասում։ Առաջին անգամ Քրիստափորը մի կերպ, իր ստեղծած դրութիւնը փրկելու համար, յանձն է առնում ռիսկով գործի մէջ մտնել. այսինքն դառնալ անդամ բռնի դրամ հաւաքող մարմնի եւ վարել այդ գործը։ Դժբախտաբար իր բոբիկութիւնը յեղափոխական այդպիսի ձեռնարկների մէջ, նրան հէնց առաջին քայլից ստիպում է սխալ զոհ ընտրել, ամենաերեխայական կերպով տանել այդ զոհի գործը... Այդ զոհը Ժամհարեանն է։ Յեղափոխական հասուն եւ գիտակից մարդիկ իրենց հարուածի առաջին զոհ ընտրում են իրօք ժլատ եւ հասարակութեան իբրեւ քարսիրտ յայտնի մարդկանց. Քրիստափորը ընտրում է Ժամհարեանին, մի մարդի որ այսպէս թէ այնպէս իբրեւ բարերար մեծ համակրանք էր վայելում երկու մեծ հայ զանգւածների մէջ։ Բաւական չէ որ ընտրութիւնը սխալ է. այլ գործն էլ տարվում է մանկական ձեւով եւ վերջ ի վերջոյ յանգում Ժամհարեանի սպաննութեան. գործը այնքան տհաս եւ այնքան սխալ է որ Դաշնակցութեան օրգան Դրօշակը ոչ միայն չէ կարողանում պաշտօնապէս կուսակցութեան գործը հռչակել, այլ եւ չէ կարողանում մի կերպ պաշտպանվել. ամբողջ մամուլի յարձակումների դէմ մի կերպ Շարժումն է աշխատում կազմակերպութիւնը դուրս բերել այդ խայտառակ դրութիւնից... Թէ որչափ յիմար կերպով է կատարվել այդ գործը մենք կրկին վկայութիւն կը բերենք Դաշնակցական, մանաւանդ այժմ շատ կարեւոր ընդունված մի անդամի
76
նամակից մի կտոր... «Երեխաների ձեռքով այստեղի մի Տուղի (հարուստի) խայտառակ գործը տեղի ունեցաւ իսկ կողքին մենք բէխաբար... որովհետեւ դուր չենք եկել գեներալներին... «Աշխարհ, քանդւիս... չկայ սրբութիւն, չկայ անձնազոհութիւն, այլ լոկ հացի խնդիր է դառել ամեն ինչ։ Մի քիչ մաքուր տիրպերը թողնում հեռանում են, մնում են աւանտիւրիստները կամ ուրիշ ասպարէզում ոչնչութեան դատապարտւելու համար ստեղծուածները... ցաւալի է մահւան չափ ցաւալի...» Վարդօ, Տասը տարի Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան մէջ, Վառնա, Տպարան Արեւելեան, 1906, էջ 47-49
------
47. ԹԱՐԽԱՆԵԱՆ (սպանութիւն) 1902-1903, Պաթում Հանգամանք` Մեծահարուստ Սպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Փոթորիկ խումբ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ՀԱՅ ՅԵՂ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
ՎԱՐԴՕ
Ժամհարեանի այդ անտակտ, անխելք գործին հետեւում է Թարխանեանի սպանութիւնը Բաթումում, մի երեխայի հրամանով...։
Վարդօ, Տասը տարի Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան մէջ, Վառնա, Տպարան Արեւելեան, 1906, էջ 49
------
48. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԴԱՄԵԱՆ ԵՒ ՋԱՆՓՕԼԱԴԵԱՆ (սպանութիւն) 1902-1903, Պաքու Հանգամանք` Մեծահարուստներ Սպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Փոթորիկ խումբ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
77
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
Տպաւորութիւնը [Իսահակ Ժամհարեանի սպանութեան, Հ.Ա.] ահագին էր Մոսկւայի մէջ եւ մանաւանդ Կովկասում։ Սարսափը պաշարեց հայ բուրժուազիային։ Ոստիկանութիւնը խլրտաց։ Եւ ընդհանուր իրարանցումի մէջ դաւադիրներու խումբը սկսաւ իր գործը։ «Փոթորիկ»-ի վշտոտ ու վրէժխնդիր ոգին` Քրիստափոր Միքայէլեան` ձգեց Ղարաբաղի մայրաքաղաքը, անցաւ արդիւնաբերական մեծ կեդրոնները – Բագու, Թիֆլիզ – ու շարժման մէջ դրաւ իր անձնւէր փաղանգը, ինքը մնալով գետնայարկերու մութին մէջ։ Ժընեւէն բերւած կտաւէ խորհրդաւոր պաստառները մեր զինւորներու ձեռքով կը թափանցէին հայ ջոջերու գրասենեակներն ու բնակարանները։ Կուսակցութիւնը կը պահանջէր իւրաքանչիւրէն նախորոշուած տուրքը։ Ջոջերը իրարու անցան, գաղտնի, խորհըրդակցական ժողովներ գումարեցին որոշելու համար իրենց դիրքը անլուր անակնկալի հանդէպ։ Ձայները բաժնւեցան։ Ամենէն համարձակները – նաեւ ամենէն գծծիները – կը թելադրէին Ոստիկանութեան ձեռքը մատնել ե՛ւ այդ կտաւէ պաստառները ե՛ւ Դաշնակցութեան բոլոր ծանօթ ղեկավարները։ Մեծամասնութիւնը խոհականութեան ձայնը հնչեցուց եւ որոշւեցաւ համակերպիլ Դաշնակցութեան պահանջներուն։ (Երկու խոշորագոյն ջոջերը անձամբ եկան Պարիզ եւ հատուցին իրենց պարտքը Արեւմտեան Բիւրօին)։ Գտնւեցան, այնուամենայնիւ, միլիոնատէրերու դասակարգին մէջ, մէկ-երկու տիպար-Արպագօններ, որոնք յամառօրէն մերժեցին մեր մարմիններու պահանջը – Յարութիւն Ադամեան, Ջանփօլադեան – եւ կրեցին մահւան պատիժ։ Դաշնակցութեան կամքի առջեւ խոնարհեցան նաեւ ուրիշ վայրերու մէջ հաստատւած շարք մը խոշոր կապիտալիստներ – Հիւսիսային Կովկաս, Ռոստով, Մոսկւա եւ այլուր։
Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան, 1992, էջ 269
------
49. ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՕՐՄԱՆԵԱՆ (մահափորձ) 19 Յունուար 1903, Կ. Պոլիս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Յակոբ Խաչիկեան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
78
ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ ՑԱՆԿԵՐ
ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՕՐՄԱՆԵԱՆ
1903 Յունուար 6-19 - Ծննդեան առտուն, Գում-Գաբուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Կարնեցի Յակոբ Խաչիկեան, դաշնակցական երիտասարդ մը, մահափորձ կը կատարէ ռէվօլվէրով պատարագիչ Օրմանեանի վրայ, թափօրին սկիզբը. բայց միայն կը վիրաւորուի ուսէն։ Մաղաքիա Արքեսպիսկոպոս Օրմանեան, Ազգապատում. ցանկեր, Կոստանդնուպոլիս, Հրատարակութիւն Վ. եւ Հ. Տէր-Ներսէսեան Բնագիրը ընդօրինակած եմ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի թուանշանային գրադարանէն` http://www.digilib.am/book/3252/3802/24546/Ազգապատում.%20Ցանկեր
ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ
ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊՍ. ՕՐՄԱՆԵԱՆ
Հրաժարականի փորձը 1902-էն ետքը միջոց մը այլեւս չը գործածեցի մինչեւ 1906, ոչ թէ անոր արդիւնքին վրայ կասկածելով, այլ պարզապէս կուսակցականներու սպառնալիքներէն ահաբեկած եւ խոյս տուած ըլլալու գաղափարը չզարթուցանելու համար։ Կուսակցականաց մտայնութեան եւ մտադրութեան վրայ խօսիլը ուրիշ հատուածի պահելով, առայժմ ինծի հանդէպ հետեւած ընթացքին յիշեցնել բաւական ըլլայ։ Պատրիարքութենէ առաջ ունեցած գործունէութեանս պարագաները կուսակցականները վստահացուցած էին իմ մէջ իրենց համամիտ մը տեսնել, եւ թերեւս չէին ալ սխալած վերացական տեսակէտով. սակայն ես անհատապէս, եւ մանաւանդ պատրիարքութեան մէջ պաշտօնապէս, չէի կրնար համաձայնիլ իրենց գործնական տեսակէտին, որ բախտախնդիր եւ արկածախնդիր, անխորհուրդ եւ աննպատակ ձեռնարկներով կը կազմուէր, եւ օգուտի ո՛չ մի ակնկալութիւն պարունակած ատեն` յայտնի վտանգներու եւ վնասներու կ’առաջնորդէր։ Երբոր տեսակէտներու անհամաձայնութիւնը շեշտուեցաւ, կուսակցութիւնը յայտնի հալածանք բացաւ ինծի դէմ, ո՛չ միայն իրենց հրատարակութեանց մէջ խծբծելով եւ նախատելով, այլեւ սպառնական նամակներով ահացնելու ջանալով, որ կա՛մ իրենց տեսակէտին համաձայնիմ եւ կա՛մ պաշտօնը թողում եւ քաշուիմ։ Սակայն ես երկուքէն ալ կը խորշէի։ Իրենց տեսակէտին չէի կրնար
79
համաձայնիլ ու գործակցիլ, զոր անօգուտ եւ վնասակար կը դատէի. պատրիարքութիւնը անգլուխ թողուլ կը խղճէի, զի նոր եւ օրինական ընտրութեան հաւանականութիւնը կը պակսէր, եւ պատրիարքարանը արքունեաց քմահաճոյքին մատնել վտանգաւոր էր, եւ երկու կողմէն ալ ձախող նախատեսութեան հանդէպ` տեղը մնալ եւ պարտականութիւնը շարունակել, զոհուիլ բայց չզոհել, խիղճի անհրաժեշտ պարտաւորութիւն կը դառնար։ Սակայն կուսակցականներ իրենց մտադրութենէն չէին շեղեր, եւ վերջիվերջոյ գլուխ ելլելու յոյսով սպառնական նամակները հետզհետէ կը տեղացնէին, որոնցմէ երեսունի չափ հաւաքած ու պահած եմ ամենայն գաղտնութեամբ, խիթալով որ մի՛ գուցէ կառավարութեան կամ ոստիկանութեան ձեռքը զէնք դառնայ անմեղներ հալածելու, բռնութեանց դիմելու եւ ազգային կացութիւնը վրդովելու։ Այս սպառնակական նամակներուն մէջ ամէն կողմէ եկողներ եւ ամէն տեսակ պարունակութեամբ գրուածներ կան, յայտնի կամ կեղծ ստորագրութեամբ, կուսակցական կարմիր կնիքով կամ բոլորովին անանուն, տան դուռնէն կամ պատուհանէն նետուած, եւ մինչեւ իսկ արտասահմանէ եւրոպական թղթատարութեանց միջոցով յղուած։ Իսկ պարունակութեանց կողմէն պոռոտախօս սպառնալիքներէ զատ որոշ ձեւեր ալ ցուցուած են, տեղեր եւ առիթներ նշանակուած են, մինչեւ իսկ Ըթըր փողոցի բնակութեան ներքեւ ական բանալու եւ ուժանակով օդը հանելու խօսքը դրուած կայ։ Այդ սպառնական նամակները քանի ամիսներէ ի վեր դադարած էին 1902 տարւոյ երկրորդ կէսին մէջ, երբ յանկարծօրէն տեղի ունեցաւ 1903 յունուար 6/19-ի մահափորձը, երկուշաբթի օր մը, Ծնունդի պատարագի միջոցին, Գումգաբուի Մայր Եկեղեցւոյն մէջ։ Սաստիկ եւ բքաբեր ձիւն կը տեղար յունուար 5/18-ին, այնպէս որ կառապանը չէր համարձակեր ճանպայ ելնել Բերայէն Գումգաբու երթալու, բայց Ճրագալոյցին գտնուիլ անհրաժեշտ էր, եւ պարտաւորուած ճանպայ ելանք, թէպէտ Բերայէ Գումգաբու 12-է աւելի կառք չտեսանք ճանպուն վրայ։ Ծնունդի առտուն ձիւնը կը շարունակէր, եւ անհնար էր թաղական խորհրդարանը զգեստաւորուիլ եւ աւանդատան մէջ զգեստաւորուելով պատարագի մտայ։ Խնկարկութեան թափօրին ատեն, երբ դասին աջակողմեան դուռնէն դուրս կ’ելլայի, հրազէնի ձայն մը առի, եւ երբ ձայնին եկած կողմը դարձայ, գլխուս վերեւ ատրճանակը բարձրացուցած մէկը տեսայ, իսկոյն ցածցայ եւ երկրորդ հարուածը գլխուս վրայէն անցաւ։ Միշտ ցածցած նստարաններուն մէջ սողոսկեցայ, եւ երրորդ հարուածը շեղեցաւ Լուսիկեան կօշկակարին կողմէ ատրճանակին տրուած շարժումէն։ Մինչ այս մինչ այն` բարապան Պօղոս Սրապեան, որ դասին ձախակողմեան դուռը կը հսկէր, վանդակապատէն ցատկելով ատրճանակ պարպողին վրայ կը խոյանայ եւ կը զգետնէ, եւ ժողովուրդը վրան կը խուժէ, եւ թերեւս նոյն տեղ մահացնէր, եթէ ոստիկաններ ներս մտնելով դաւաճանին անձին չտիրանային։
80
Ես նստարաններուն մէջէն անցնելով ձախակողմեան Ս. Ծնունդ մատուռը մտայ, եւ վիրաւորուած ըլլալուս տակաւին անգիտակ, երգով կամ ճաշուով պատարագի ընդհատումը պարտկելու հրահանգ տուի, մինչեւ որ պատարագը շարունակելու դառնամ։ Շուրջս եղող քահանաներ եւ դպիրներ զգեստները վրայէս հանելու կ’աշխատին, ես կ’ընդդիմանամ, մինչեւ որ պատարագի շապիկը արիւնոտած տեսնելով վիրաւորուած ըլլալս կ’իմանամ, եւ արիւնով սեղան ելլել կանոնական չըլլալուն, կը համաձայնիմ զգեստները հանել եւ պատրիարքարան դառնալ, եւ Գէորգ եպիսկոպոս Երէցեան պատարագը կը շարունակէ։ Բժիշկ Պօղոս Ինճէեանի լուր կը տրուի, բժիշկ Միսաք Ճէվահիրճեան լուր կ’առնէ, եւ միասին կը փութան առաջին խնամքը կատարել եւ վէրքը զննել ու դարմանել։ Ատրճանակի առաջին գնդակը ծանր շուրջառն ու հաստ եմիփորոնը ծակելով աջ ուսիս մտած, եւ դիմացէ դիմաց անցնելով դուրս ելած էր, բարեբախտաբար ոչ ոսկրին դպած էր եւ ոչ թոքը վիրաւորած, բայց այդ զննութեանց ատեն նուաղում զգալով կը մարիմ եւ լեզուս կոկորդիս մէջ կը դառնայ եւ Ճէվահիրճեան աքցանով ետ քաշելով, եւ Ինճէեան առատ ջուր սրսկելով կրնան զիս ուշաբերութեան դարձնել, եւ վէրքը պատելով` պատրիարքարանի ննջասենեակը անկողինի մէջ կը հանգչեցնեն։ Այնտեղ ես իմ կատարեալ հանդարտութիւնը կը ստանամ, եւ մինչեւ իսկ զուարճաբանել կը սկսիմ` թէ մեռնելու համար Խորասանճեան բժշկապետին վճիռը անհրաժեշտ պայման չէ։ Ատրճանակ պարպողը եղած էր Յակոբ Խաչիկեան, Կարնեցի Մկրտիչ Խաչիկեանի` Կարինէ սկսելով ծանօթ եւ բարեացակամ գիտցուած անձին որդին, որ իր չորս ընկերներուն անուններն ալ կուտայ, որոնցմէ երեքը կը ձերբակալուին, իսկ գլխաւորը արդէն մայրաքաղաքէն հեռացած կ’ըլլայ։ Առաջնի ոստիկանական հարցափորձերու մէջ անկապակից պատճառանքներ կարկտել կ’աշխատին, իբր թէ Յակոբ Խաչիկեան զինքը բժշկական վարժարանի չյանձնարարելէս ցաւած ըլլայ, մինչ արդէն ընդունուած էր եւ դեղագործական ճիւղին կը հետեւէր։ Եւ կամ թէ իմ վրաս փորձուած դաւաճանութեամբ ունեւորները ահացնել ուզած ըլլան, որ իրենցմէ դրամ պահանջուած ատեն անհակառակ վճարեն։ Կը կարծուի եւս թէ իրենց առաջին միտքը թաղական խորհրդարանէ եկեղեցի անցած պահուն գործել եղած ըլլայ, եւ ձիւնին պատճառով աւանդատան մէջ զգեստաւորուելուս առթիւ եկեղեցւոյ մէջ փորձել ստիպուած ըլլան։ Մահափորձին եկեղեցւոյ մէջ եւ պատարագի ատեն կատարուած ըլլալը, եւ այն ալ Ծնունդի նուիրական տօնին օրը, մեծ տպաւորութիւն գործած էր ժողովրդական ըմբռնմանց վրայ։ Հազիւ թէ մահափորձին լուրը կը տարածուի, իսկոյն կը սկսին ոստիկանութենէ, եպարքոսութենէ, նախարարներէ, եւ արքունական պալատէ պատուիրակներ եւ բժիշկներ հասնիլ, որպիսութիւն հարցնելու, ստոյգ լուրեր քաղելու, եւ կարեւոր կարգադրութիւններ հրամայելու։ Դատարանէն ալ յատուկ հարցաքննիչ կուգայ իմ յայտարարութիւններս ու ենթադրութիւններս գիրի առնելու։
81
Իմ հաստատուն եւ միատեսակ պատասխաններս եղան, թէ ոչ մի կանխաւ գիտցուած նշան չունիմ, թէ մօտ ատեններ սպառնական ազդարարութիւններ իսկ ստացած չեմ, եւ գործադիրներու հետ որեւէ շփում ունեցած կամ վրէժխընդրութեան առիթ տուած չեմ, եւ իմ միակ խնդրանքս է որ գործը անհատական եւ դոգ տղայական ձեռնարկ մը ըլլալուն ընդարձակ նշանակութիւն չտրուի, ձերբակալութիւններ չբազմապատկուին, ընդհանուր վրդովում առաջ չիգայ եւ, որչափ հնար է, գործը ամփոփ շրջանակի մէջ պահուի։ Այդ խնդրանքը յատկապէս կրկնած եմ ոստիկանական եւ դատական պաշտօնեաներուն, եւ թախանձագին աղաչանօք յանձնարարած եմ կայսեր կողմանէ յղուած թիկնապահ գնդապետին։ Եւ ուրախ եմ յայտարարել որ խնդրանքս յարգուեցաւ, եւ չորս գործադիրներէն զատ ուրիշներ չմեղադրուեցան, եւ քանի մի առերեւոյթ կասկածով ձերբակալեալներ շուտով արձակուեցան։ Իսկ գործին իսկութեան մասին, դաշնակցական Դրօշակ լրագիրը, փորձին անհատական նախաձեռնութեան արդիւնք, եւ կուսակցութեան անոր մէջ մասնակցութենէ օտար եղած ըլլալը հրատարակեց, թէպէտ ոչ ոք յայտարարութեան անկեղծութեանը հաւատաց։ Մահափորձի երեկոյին իսկ նոր սպառնական նամակ մը տունը կը տարուէր, զոր միւս առտուն կը կարդայի, թէ ինքզինքդ ազատած մի՛ կարծեր, կեանքդ ապահով չէ։ Ընտանեկան շրջանակի մէջ ալ անհնար էր որ գոյժը մեծ յուզում չպատճառէր, եւ Եւգինէ ու Ագապի քոյրերս եւ ազգակիցներէ շատեր, հակառակ բքաբեր ձիւնին եւ փոխադրութեան դժուարութեանց, հետզհետէ Գումգաբու սկսան հասնիլ, անձամբ տեսնելու եւ ստուգութեամբ տեղեկանալու համար. քեռայրս Միհրան Տէր-Ներսէսեան Եգիպտոս կը գտնուէր, իսկ եղբայրս բժիշկ Կոմիտաս Օրմանեան կը յաճախէր եղբայրական զգացմանց եւ բժշկական խնամոց հաւասարապէս յագուրդ տալու համար։ Ազգայնոց այցելութիւնները անթիւ անհամար էին, ամէն դասակարգէ եւ ամէն աստիճանէ, մանաւանդ Ծնունդի երկրորդ օրը, որ պաշտօնական շնորհաւորութեանց օրն է, եւ ազգայիններ խուռն եկած էին մահափորձէն ազատութեան խնդակցութիւն ալ յայտնելու։ Ուրիշ ազգաց պատրիարքներն ալ իրենց խնդակցական ողջոյնները հասուցին պատուադիր պատուրակութիւններով։ Գրաքննութիւնը արգիլած էր եղելութիւնը լրագիրներու մէջ պատմել, եւ խմբագրութիւններ կը գոհանային շարունակ շաբաթ մը պատրիարքարան այցելողներու երկար ցուցակներ հրատարակելով, հանրութեան մտադրութիւնը արթնցնելու համար։ Երկուշաբթիէ շաբաթ պատրիարքարան մնացի, թէ վէրքին դարմանին եւ թէ հիւանդութենէ զգուշանալու համար, որ կրնար առաջ գալ վիրաւորուելէ եւ այլայլելէ։ Վերեւ յիշուած երկու բժիշկներ եւ պալատէն նշանակուած վիրաբոյժ մը առտու եւ երեկոյ կ’այցելէին, թող բարեկամաբար եկող բժիշկները։ Երբոր շաբաթ օր յունուար 11/24-ին տուն փոխադրելու կը պատրաստուէի, թաղին ոստիկանութեան գլխաւորը եկաւ հեծեալներու ընկերանալը ծանուցանել, զոր
82
մերժեցի հանրութենէն կասկածիլ եւ վախնալ չցուցադրելու համար, իրեն կամքին թողլով` եթէ կ’ուզէր` լռին եւ ծածուկ հսկողութիւն կատարել. միայն Պօղոս Սրապեան բարապանի հետ եւ բժիշկի մը ընկերակցութեամբ կէս օրէն ետքը տուն եկայ։ Յունուար 17/30-ի գիշերը աղեաց սաստիկ տագնապ մը անցուցի, որ գիշերային բժշկական խորհրդակցութեան պէտքը զգալի ըրաւ Պարոնիկ Մատթէոսեան ու Վահրամ Թորգոմեան ու Կոմիտաս Օրմանեան բժիշկներու կողմէ, եւ յաջողութեամբ փակուեցաւ։ Տակաւ կազդուրուելով կարող եղայ յունուար 22/4 փետրուարին նախապէս Ղալաթիոյ Ս. Ամենափրկչին ուխտի իջնալ, եւ անկէ Եըլտըզի արքունիքը երթալ կայսեր կողմէ ցուցուած մտադրութեանց շնորհակալութիւն յայտնելու։ Յունուար 24/6 փետրուարին մահափորձին օրը աշխատողներուն շքանշաններ շնորհուեցան, 30/12-ին առաջին անգամ պատրիարքարան եկայ, 31/13-ին կայսրէն յատուկ տեսակցութեան հրաւիրուեցայ եւ սիրալիր ընդունելութիւն գտայ եւ բացառիկ ծախուց համար նուէր ալ ստացայ, փետրուար 3/16-ին եպարքոսին եւ դիւանապետին եւ նախարարաց այցելեցի, 5/18-ին Վարչութեան Ժողովին նախագահեցի, եւ 13/26-ին առաջին անգամ քարոզ խօսեցայ։ Մահափորձի հեղինակներուն դատը բարձրագոյն հրամանով արագ աւարտեցաւ, եւ յունուար 25/7 փետրուարին Խաչիկեանը մահուան եւ երեք ձերբակալեալները եւ խոյս տուած չորրորդը ցկեանս բանտարգելութեան դատապարտուեցան. փետրուար 17/2 մարտին վճիռը վճռաբեկ ատեանէն հաստատուեցաւ, եւ մարտ 8/21-ին յատուկ դիմումով Խաչիկեանի մահւան ներումը ստացայ, որ ցկեանս բանտարկութեան փոխարկուեցաւ։ Արդէն ես դատախազի դերը չէի ստանձնած, արդարութեան թողլով իւր օրինական ընթացքը վարել։ Մահափորձի բուն նպատակը իմ մահուամբս կամ գոնէ ահաբեկեալ հրաժարմամբս պատրիարքական աթոռը թափուր թողուլ, ազգը անտէրնչութեան մատնել, եւ Համիտը նորանոր բռնութեանց գրգռել ըլլալուն, ինծի նուիրական պարտք սեպեցի իմ պահնորդութեան դերը չլքանել եւ պաշտպանողական պատնէշէն դասալիք չփախչիլ. եւ որպէսզի ձախող մեկնութեամբ վատ դերը ինծի չվերագրուի, ուրիշ պատճառներով ալ հրաժարականի փորձը չգործադրեցի 1903-էն մինչեւ 1906, երբ ժամանակի հեռաւորութիւնը այդ միտքը այլեւս չէր զարթուցաներ, եւ պարագային կարեւորութիւնը այն փորձին դիմել կը թելադրէր։ Նիւթերու կապակցութեան պատկառ կալով անցնիմ այդ փորձը կատարել։
Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, Խոհք եւ խօսք, Երուսաղէմ, Տպարան Սրբոց Յակոբեանց, 1929, էջ 201-207
------
83
50. ԽԱՉԻԿ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ (սպանութիւն) 15 Փետրուար 1903 Հանգամանք` Դաւաճան Սպանող` Դաշնակցական տէռօրիստ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վասպուրականի Կեդրոնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐ
Վասպուրականի Կեդր. Կօմիտէի որոշմամբ տէռօրի ենթարկւեցաւ յայտնի մատնիչ Խաչիկ Սէմէրճեանը փետրւար 2/15-ին կիրակի երեկոյ ժամը 11-ին։ Տէռօրիստը ազատ է։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Ապրիլ 1903, XIII տարի, թիւ 4 (135) էջ 64
------
51. ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ (մահափորձ) 22 Փետրուար 1903, Վենետիկ Հանգամանք` Հրաժարեալ Վերակազմեալ Հնչակեան Սպաննող` Մարտիրոս Հացագործեան (Էքսէրճեան) Կազմակերպող` Վերակազմեալ Հնչակեաններու Վահէ Արզուեանի խմբակ
ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻ ԴԷՄ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՀԱՓՈՐՁԸ
Հ. ՄԿՐՏԻՉ ՎՐԴ. ՊՈՏՈՒՐԵԱՆ
Բարեկենդանի օրերուն էր, երբ Ս. Ղազարու վանականները հրաւիրուած էին ներկայ ըլլալ թատերախաղի մը, Վենետիկեան որբանոցի մը տնօրէնութեան կողմէ։ Հոն էի, քանի մը երիտասարդ վարդապետներու հետ, վանքին եւ Մուրատ Ռաֆայէլեանի աշակերտներով։ Առաջին արարին վարագոյրը չէր իջած, երբ մեր վարդապետներէն մէկը ներս մտաւ, եւ առանց սպասելու որ վարագոյրն իջնէ եւ սրահին լոյսերը բացուին, գուժեց ականջիս - «Արփիարը զարկի՜ն...»։
84
Խումբ մը վարդապետներ թողուցինք թատերասրահը եւ շտապեցինք այն հիւանդանոցը ուր փոխադրուած էր Արփիար։ Խոր քունով անշարժ էր մահճակալին մէջ, թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ։ Քովը, գթութեան մայրապետ մը կը հսկէր։ Վէրքը մահացու չէր բարեբախտաբար, եւ ի դժբախտութիւն` զինք սպաննել ուզողներուն։ Սպասեցի որ արթննայ։ Կէս ժամ ետք արթնցաւ, ու ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքին վրայ։ - Անցած ըլլայ, Պր. Արփիար։ Երա՞զ է թէ իրականութիւն։ Ո՞ր գինովին հարւածը քեզ հոս բերաւ։ - Նորավէպդ տպեցի՞ր. գէշ չէ, տպէ... - Ձգէ՛ հիմա հին վիպակները, այս նոր նորավէպին նայինք։ Ի՞նչ կը նշանակէ այս դէպքը։ - Զիս սպաննել ուզեցին, բայց չյաջողեցան. ուրիշ ոչինչ։ Գիտէի արդէն։ Ինծի գրած էին Եգիպտոսէն, բայց լուրջի չէի առած եւ գրեթէ մոռցած էի։ - Ժամը քանիի՞ն պատահեցաւ։ - Տասնին երբ տուն կ’երթայի, հրացանի հարուածի մը ձայնը լսեցի հատ մըն ալ ետեւէն. չորս կողմս նայեցայ, ոչ ոք չկար։ Քիչ մը առաջ գացի, զգացի որ վիզէս քրտինք կը վազէ։ Քրտինքս սրբեցի, եւ փողոցի լամբին տակ թաշկինակիս նայեցայ, ու տեսայ որ արիւն է եղեր... Խեղճ մոլորածի մը քաջագործութիւնը...
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 15 Մարտ 1974, ԾԸ. տարի, թիւ 16.770, էջ 2
ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՊՈԼՍԷՆ ԴՈՒՐՍ 1896-1908
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
Եգիպտոս հասնելէս քանի մը ամիս ետքը Արփիարն ալ Վենետիկ կ’երթար հաստատուիլ ու հոն կը սկսէր հրատարակել իր Հայ հանդէս հանդէսը, տասնըհինգ օրը անգամ մը։ Իր այս նոր հանդէսով Արփիար բուռն կռիւ մը կը մղէր վերակազմեալ Հնչակեաններու եւ մասնաւորաբար Վահէի եւ Արշակ Չօպանեանի դէմ։ Այս պայքարին արդիւնքը այն եղաւ որ Հայ կեանքի հրատարակութենէն քանի մը ամիս ետքը, Արփիար, Վենետիկի մէջ, իրիկուն մը կամուրջէ մը անցած ատեն կռնակէն րէվոլվէրի 4-5 գնդակ ընդունեց եւ վիրաւոր գետին ինկաւ։ Բարեբախտաբար վէրքերը մահացու չէին եւ հիւանդանոց փոխադրուելով շուտով ապաքինեցաւ։ Չմոռնամ յիշելու որ, ինչպէս յետոյ ստուգեցինք, իր Տէրօրը Եգիպտոսէն գացած էր Վենետիկ յատկապէս այդ «քաջագործութիւնը» կամ «հերոսութիւն»-ը
85
կատարելու համար։ Արփիարի երկրորդ մահափորձն էր այս որ անյաջող կ’ելլէր։ Հազիւ թէ առողջացած Արփիար չուզեց հանգիստ նստիլ։ Ահաւասիկ թէ ի՛նչ կը գրէ ինծի Վենետիկէն 1903 Մարտ 18 թուականով. «Արդէն հիւանդանոցէն փութացեր էի քեզի գրել, ինչ որ աղէկ ըլլալս կ’իմացնէր։ Հիւանդանոցէն ելած եմ, բայց դեռ տկար եմ։ Քիչ կ’աշխատիմ։ «Հայ հանդէսը առ այժմ չեմ կրնար հրատարակել, թէ տկարութեանս պատճառաւ, թէ ըրած ծախքերուս։ Բա՛յց կը խորհիմ ուրիշ ձեւով հրատարակել, այնպէս որ Ռուսիա եւս մտնէ։ Կ’ուզեմ զուտ գրական եւ պատմական հանդէս մը ընել, առանց քաղաքական խնդիրներու։ Անունը պիտի փոխեմ եւ գրքի ձեւով պիտի հրատարակեմ։ Այդ է դիտումս»։ Իսկ գալով իր վրայ կատարուած մահափորձին` Արփիար հետեւեալ բացատրութիւնները կուտայ. «Այս ամենէն ետքը դիպուածիս մասին երկար չեմ գրեր։ Ինչպէս որ արդէն գրած էի, Վահէին գործն է։ Առաջին տպաւորութիւնս հաստատուեցաւ կարգ մը իրողութիւններէ որոնք անծանօթ էին ինծի։ Նախապատրաստութիւնները տեսնուած էին Անահիտի միջոցաւ երկու տարիէ ի վեր։ Վերջերս շատ խայտառակութիւններ եղեր է, չէի գիտեր։ Իր «Հնչակեան»ները սկսեր են իրեն դէմ ելլել, բոլոր ըրածները մէջտեղ հանել, շատ մը բաներ։ Ես այս ամէնը չգիտնալով` Ամերիկա գրած էի Յունուար 1-ին որ սա մեր հաշիւներն ալ կարգադրեն, ու մեր վարչութեան օրուան տեղեկագիրը պատրաստեն ու մենէ հաշիւ ուզեն։ Վահէն եւ սօուք հէրիֆը հասկցած են որ իմ պահանջումներս շատ գէշ պիտի ըլլան եւ մեծ կշիռ պիտի ունենան ուրիշ ամբաստանութեանց քով. եւ որովհետեւ ես շատ բան գիտեմ, շատ թուղթեր ունիմ, ուստի կործանումնին ինէ կը վախնան։ Եւ մտածել որ այսօր 16-18 ընտանիք Եւրոպա ու Ամերիկա պիտի ապրին կուսակցական դրամով, առանց բան մը ընելու. հացի խնդիր։ Եւ Վահէն է որ ինքն ալ մեծ գումարի պէտք ունենալով հանդերձ, միւսներն ալ պիտի հոգայ։ Իմ մահուանս մէջ փնտռած են քիչ մը ապահովութիւն թէեւ չմեռայ, բայց դեռ հոս մարդ կը սպասցնեն կոր, սակայն ոստիկանութիւնը զգուշութիւններ ձեռք առաւ ու ետեւէս պտտող նոր «հերոս»ը այս օրերս աներեւութացաւ, վասն զի ճանչցուեցաւ։ Անշուշտ նոր մը կը ղրկեն։ «Զիս սպաննելու թէրօրներէն մին Ալեքսանդրիայէն էր. ըսաւ թէ կօշկարար է. հաւանաբար սուտ է։ Բայց Ալեքսանդրիայէն ըլլալը իրաւ է, զի շատ մը նոր տեղեկութիւններ հարցուցի եւ ամէնուն ճիշտ պատասխան տուաւ։» * * * Վենետիկի մէջ Արփիարի վրայ կատարուած մահափորձը, թէեւ անյաջող, բայց բուռն զայրոյթ առաջ բերաւ Եգիպտոսի մէջ եւ շատ վնասեց վերակազմեալ Հնչակեաններու վարկին` միւս կողմէ հոս համակրութեան նոր հոսանք մը ստեղ-
86
ծեց դէպի Արփիարը եւ իր բարեկամներն ու համակիրները մտածեցին զինքը Եգիպտոս բերել եւ հոն գրական զբաղում մը ճարել իրեն։
Ժամանակ, օրաթերթ, Կ. Պոլիս, 9/23 Նոյեմբեր 1912, Ե. տարի, թիւ 1272, էջ 1
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻՆ
Ալեքսանդրիա, 12 մայիս 1903
Սիրելի Արփիս,
Երէկ ստացայ նամակդ, ամիս մըն է, որ ամէն օր առջի նամակիդ պատասխան գրել կ’ուզէի եւ ամէն օր կը յետաձգէի, մանաւանդ, որ շատ մըն ալ կարեւոր բաներ ունէի գրելիք։ Վահէն հոս էր, հիմակ ալ հիւանդ պառկած է եղեր Բոր-Սայիտ։ Գուշակութիւնդ ճիշդ է, իր գործն է եղեր քեզի դէմ եղած սպանութեան փորձը։ Գահիրէի մէջ որոշեր են, Ատոմ Ասլանեանի տանը, մարդն ալ Գահիրէէն գտեր ղրկեր են։ Գահիրէ ամէն մարդ գիտէ ասիկա։ Նոյնիսկ իտալական ոստիկանութենէն տեղեկութիւն եկեր է հոս, եւ այս տեղի ոստիկանութիւնն ալ խուզարկութիւն կը կատարէ եղեր։ Հոս ալ դաշնակցական մը ինծի ըսաւ, որ Վահէն Ալեքսանդրիա գտնուած միջոցին իրենց տղոցմէ մէկուն դիմեր է եւ առաջարկեր է զինքը Եւրոպա ղրկել եւ հոն մէկը սպաննել, եւ 40-50 ոսկի խոստացեր է, մարդն ալ եկեր, իր մեծերուն խօսեր է, եւ անոնք ալ արգիլեր են իրեն երթալ։ Քու վրայ եղած փորձին ատեն Վահէն Գահիրէ էր, յետոյ հոս եկաւ ու բաւական ժամանակ հիւանդ պառկեցաւ. օր մըն ալ իմացանք, որ շոգենաւով մեկներ է, երէկ ալ լուր առի, թէ Բոր-Սայիտ հիւանդ պառկած է եղեր։ Կ’երեւայ, որ շոգենաւին մէջ հիւանդացեր ու ստիպուեր է Բոր-Սայիտ ցամաք իջնել. Շահնազարը ամիսուկէս կայ հոսկէ մեկնեցաւ Թիֆլիզ, լուր ունի՞ս։ Քու վրայ եղած փորձին առթիւ սոսկալի կատղած էր Վահէին դէմ, նոյնիսկ միտք ունէր բաներ մը հրատարակել։ Իրեն գրած նամակդ Գահիրէի մէջ ամէնուն ցուցուցեր է եւ Վահէին դէմ սոսկալի խօսքեր ըրեր է. ան ալ կատղած էր, այս պատճառաւ, Շահնազարին դէմ։ [...] Քոյդ Ե. Օտեան Երուանդ Օտեան, Նամակներ, Երեւան, Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի Հրատարակչութիւն, խմբագիր` Հենրիկ Բախչինեան, 1999, էջ 170-171
------
87
52. ՄԽՕ ՇԱՀԷՆ (սպանութիւն) Ապրիլ 1903, Պաթում Հանգամանք` Վերակազմեալ Հնչակեան գործիչ Կազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն
ՍԵՒ ԵՂԵՌՆԸ ԱՀՌԵԼԻ ԲՕԹԸ
Լօնտոնէն հասնող նամակի մը մէջ, խելայեղ աչքերով կը կարդանք հետեւեալ տողերը. Բառ չունինք որակելու համար եղբայրասպանութեան այն արարքը, զոր ստուգապէս ու հաստատօրէն կը հաղորդեն մեզ մեր Պաթումի ընկերները։ Մխօն` մեր ամենքէն սիրուած ու պաշտուած Շահէնը` սպաննուած է Փօթիի մէջ։ Մխօն` Կովկաս անցած` հոն իր կորովի ընթացքով, ու անկեղծ եւ ճշգրիտ լուսաբանութիւններով, ընկերներու համակրանքն ու վստահութիւնը գրաւած ու մեծ յաջողութիւն ձեռք բերած էր։ Ինչպէս կ’երեւի, մեքենայութեան մը զոհ գացած է անմոռանալի Մխօն, որուն համար Պաթումէն գրած են մեզ հետեւեալ տողերով. «Մխօյի սպաննումը` որ տեղի է ունեցել ա՛յնքան տմարդութեամբ, խորապէս յուզել է շատերին, առանց կուսակցական խտրութեան, նա՛մանաւանդ իրա հայրենակիցներին, որոնք ճանաչում են նրա փառաւոր անցեալը Հայրենիքի օգտին գործելու մէջ։ «Չենք կրնար աւելի երկարել. մեր զգացած ցաւը, կսկիծն ու կատաղութիւնը չափ չունին»։
Ձայն հայրենեաց, [Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 9 Մայիս 1903, Դ. տարի, թիւ 185, էջ 1
ԴԻԱԿԵԱՆ ԵՂԵՌՆԸ Ա.
Ատելութեան Գործին ու Գործաւորներուն վրայ մեր խմբագրականներուն շարքը առժամապէս փակելով, կռնակնիս կը դարձնէինք Դիակեան Վոհմակին [խօսքը Հնչակեան Կուսակցութեան մասին է, Հ.Ա.] ու կը մտածէինք հոս որ խնայուէր մեզի անոր խօսքն իսկ ընելու գերմարդկային նողկանքը։
88
Բայց, այսօր, Դիակեան Ճիւաղներուն հրամանովն ու եղբայրասպան սեւ ձեռքերովը թափուած` Մխօի նուիրական արիւնին առջեւ, ա՛լ ամէն նկատում մէկդի պէտք է դնենք, ամէն ներքին դժկամակութիւն պէտք է յաղթենք, ամէն զզուանք պէտք է կուլ տանք, ըսելու, պոռալու համար անհրաժեշտ ու անողոք ճշմարտութիւններ, - ստիպողական ճշմարտութիւններ, զորս ժողովուրդը պէ՛տք է գիտնայ եւ զորս լռելը ա՛լ ոճիր մը պիտի ըլլար մեր կողմէն։ Դիակեան Վոհմակը խայտառակ ու խժգալի էր երէկ` ամենուն աչքին։ Այսօր, Դիակեան Վոհմակը Եղբայրասպան ու Եղեռնագործ կը հանդիսանայ, ու իր առթած տիեզերական Նողկանքին կը խառնուի ամենուն ներսիդին արդար ու անզսպելի զայրոյթ մը։ Այսօր, անհերքելի, քստմնելի եւ ըմբոստացուցիչ ճշմարտութիւն մըն է թէ` Դիակեան Վոհմակին հրամանովն ու եղբայրասպան սեւ ձեռքերովը կատարուած է` աննախընթաց ու աներեւակայելի վատութեամբ` մեր պաշտելի Շահէնին սպաննութիւնը. – Անցեալ անգամ, ծայրագոյն խղճահարութեամբ մը, չէինք ուզած ճշդել այս Սեւ Եղեռնին հեղինակները, - թէեւ մեզի համար անտարակուսելի ու անվիճելի իրողութիւն մըն էր` թէ Դիակեան Ճիւաղներուն գործը միայն կրնար ըլլալ այդ ահռելի Եղբայրասպանութիւնը։ - Այսօր, մեր ստացած նորանոր տեղեկութիւնները վերջնականապէս կը հաստատեն մեր համոզումը, ու կրնանք` անվարան` հռչակել, թէ Նազարպէկ-Դիակին ծառաներն ու մեղսակիցներն են որ սպաննել տուած են մեր խե՜ղճ անմոռանալի Մխօն։ Կովկասէն հետեւեալ արիւնոտ տողերը կը գրեն ուղղակի մեզի. «Փոթիէն մարդիկ եկած են. այդ մարդիկը կը պատմեն, թէ Շահէն Փոթի հասած օրը` կը դիմաւորեն զինքը, տուն մը կ’առաջնորդեն եւ այդ տանը մէջ` բազմութեամբ յանկարծակի կը յարձակին մեր թանկագին հերոսին վրան եւ լայն դանակներով կը խողխողեն։ «Սագունիները Շահէնը «բախտախնդիր եւ խաչագող» անուանելով` թիւ 12դ շրջաբերականով մը – որ ուղղուած է իրենց «Սեւ Ծովի ռուսական ափերի հարազատներին» - հրահանգած են որ զայն «չարաչար հալածեն» երբ մօտ երթայ իրեն մաքուր մարմինները թունաւորելու, սողոսկող օձի նման...»։ Եւ հիմա որ այս Սեւ Եղեռնը կուգայ Հանրային իրաւարար ու վրէժխնդիր Դատաստանին առջեւ քաշկռտել Դիակեան եղբայրասպան Վոհմակը` պէ՛տք է որ մենք անողոքաբար ստանձնենք Դատախազի դերը, որ անառարկելիօրէն մեզի կ’իյնայ։ Ու մենք պիտի գիտնանք այդ դերը կատարել, անոր համար պէտք եղած բովանդակ ճշգրտութեամբն ու յամառ ու աննկուն հետապնդումովը։ Մենք պիտի գիտնանք Հանրային խղճմտանքին առջեւ պարզել ամբողջ եղեռնական հոգեբանութիւնը Դիակեան Վոհմակին։ Մենք պիտի գիտնանք լուս-աշխարհք բերել Դիակեան Ճիւաղներուն` ատենէ մը ի վեր` գետնաքարշօրէն մեքենացած բոլոր մթին սադրանքներն ու տիղմի մէջ փայփայած պիղծ երազները։ - Մենք
89
պիտի գիտնանք ժողովուրդին գարշած ու մոլեգնած աչքերուն տակ դնել` Նեխութեան, Վատութեան, Ոճիրի ու Մատնութեան խառնակոյտը որ Դիակեան Վոհմակը կը ներկայացնէ։ Բայց այս անհրաժեշտ ու ստիպողական գործէն առաջ, կ’ուզենք, անգամ մըն ալ, կանգ առնել` արցունքոտ ու վրիժավառ աչքերով` մեր անգին, անփոխարինելի Մխօին արիւնազանգ դիակին առջեւ, ու կ’ուզենք, անգամ մըն ալ, մեր չորսդին նայիլ, տեսնելու, ստուգելու համար հայ հասարակութեան դիրքը` այս Սեւ Եղեռնին ու անոր հեղինակ` Դիակեան Սեւ Վոհմակին հանդէպ։ Անցեալ անգամ, Մխօի սպաննութեան ահռելի բօթին շանթահարիչ տպաւորութեան տակ` մեր շփոթ մտքերուն մէջ ծագած առաջին հարցումն եղաւ ասիկա. - «Ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայ Ժողովուրդին դիրքը` այս սեւ, այս խուժդուժ Եղբայրասպանութեան հանդէպ»։ Մխօի սպաննութեան գոյժը է՛ն անկեղծ ու է՛ն խորունկ կսկիծն ու զայրոյթը յառաջ բերաւ Ամերիկահայ Գաղութին մէջ։ Մեր շարքերէն դուրս` Չէզոք ժողովուրդն ալ զգաց` Մխօի անհետացումով եղած ազգային կորուստին ահագնութիւնը, եւ անոր աչքերն ալ սուգի ու դառնութեան արցունքներով լեցուեցան։ Ժողովուրդը զգաց, թէ Շահէնը Հնչակեան մը ըլլալէ աւելի, Հնչակեան մը ըլլալէ առաջ` Հայ Ազգին է՛ն անձնուրաց ու երախտաւոր զաւակներէն մէկն էր ու է՛ն արի ու փառաւոր Զինուորը` Հայ Հայրենիքին... Ժողովուրդը զգաց ասիկա։ - Կը մնայ մեզի գիտնալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ իր դիրքը` Մխօի արիւնովը կարմրած Դիակեան Վոհմակին հանդէպ։ Հայ գիտակից հասարակութիւնը պիտի ներէ՞, պիտի հանդուրժէ՞ որ Դիակեան Եղբայրասպան Ճիւաղները դեռ համարձակին իրեն առջեւ ներկայանալ, յեղափոխական Բեմը անարգել ու անկէ իրենց պիղծ բերանները բացած` Ատելութեան, Ոճիրի ու Մատնութեան ժահրը թափել։ - Չե՛նք կրնար հաւատալ, չե՛նք ուզեր ենթադրել... Հայ Ժողովուրդը է՛ն անարժան ու անբարոյացուցիչ վատութիւնը գործած պիտի ըլլայ` եթէ իր մեղսակից կրաւորականութեամբը, քաջալերէ Դիակեան Սեւ Վոհմակը։ - Հայ Ժողովուրդը ինք իր դէմ դաւաճանած պիտի ըլլայ` եթէ հանդուրժէ որ` իր ու իր ցաւերուն անունով` Դիակեան Ճիւաղները կենդանացնել փորձեն Նազարպէկ մը – Հայ Ցեղին վիժած այդ մեծագոյն Սրիկան – ու անդին` միշտ իր ու իր ցաւերուն անունով` ոչնչացնեն Շահէն մը, Հայ Ցեղին արտադրած այդ համեստ այլ հոյակապ Կռուողը...։ Իսկ դուք, ո՜վ անգիտակից ու կուրացած հետեւորդներ Դիակեան Վոհմակին, դո՛ւք, ո՜վ անասնացած, այլասերած ենթականեր Արզումանեանց, Սաքունի եւ Կիւրեղեան կոչուող Մարդակերպ Գարշանքին` ըսէ՛ք, կա՞յ ձեր մէջ մէ՛կը որ յանդգնի արդարացնել Մխօին հրէշաւոր սպաննութիւնը... Ըսէ՛ք, կա՞յ ձեր ճղճիմ շարքերուն մէջ այս յանդգնութեան կարող մէկը... եւ` եթէ կայ` թո՛ղ երեւան ելլէ ո՛վ որ է այդ չըլլալի՛ք ադամորդին... Ըսէ՛ք, ո՜վ եղբայրասպան վատեր, կա՞յ ձեր
90
մէջ մէկը որ համարձակի հրապարակ գալ ու ձեր ճիւաղապետերուն վճռած ու գործադրել տուած այդ Սեւ Եղեռնը չքմեղել, պատճառաբանել – եւ մարդկային բարոյական ի՞նչ սկզբունքի, յեղափոխական ի՞նչ արդարութեան անունով... Ու մէ՞կը չպիտի ելլէ ձեր հոտած, փտած շարքերէն, որ` արցունքի կաթիլ մը աչքերուն մէջ ու ձեռքը սրտին` հառաչէ. «Վա՜խ, վա՜խ Մխօ՛, վա՛խ...»։ Վատե՛ր, վատե՛ր, վատե՛ր...։
Ձայն հայրենեաց, [Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 13 Մայիս 1903, Դ. տարի, թիւ 186, էջ 1
ԴԻԱԿԵԱՆ ԵՂԵՌՆԸ Բ.
Որպէսզի՛ Հայ Ժողովուրդը կարող ըլլայ Դիակեան այս Սեւ Եղեռնը տեսնել ու ըմբռնել իր բովանդակ կանխամտածուած ու ծրագրուած հրէշութեամբը, որպէսզի՛ Դիակեան Ճիւաղները իզուր նկրտած ըլլան խուսափիլ` իրենց հրամանովն ու անասելի վատութեամբը թափուած` Մխօի արիւնին հալածանքէն եւ այդ նուիրական արիւնէն թունդ ելլող ու իրենց դէմ սպառնագին ծառացող Հանրային գերագոյն Դատաստանէն, որպէսզի՛ Դիակեան Սեւ Վոհմակը` Հնչակ ու Հայաստան [իմա` Երիտասարդ Հայաստան, շաբաթաթերթ, Հ.Ա.] անունները սրբապղծող աղտոտ քուրջերով պատանքուած` չի կրնայ ապաստանիլ շնական Սուտին ու պոռնկային Զրպարտութեան ետին` ատե՛ն է որ ամենուն պարզենք մերկ ու անողոք Ճշմարտութիւնը, ատե՛ն է որ ամենուն աչքը խոթենք կարգ մը իրողութիւններ, զորս լռեցինք մինչեւ հիմա` Արզումանեանց-Սաքունի-Կիւրեղեան մարդակերպ Գարշանքին նկատմամբ մեր անսահման արհամարհանքէն ու անյաղթելի նողկանքէն ստիպուած։ Դիակեան Ճիւաղներուն հրամանովն ու սեւ մեքենայութեամբը` մեր պաշտելի Շահէնին սպաննութիւնը որքան ալ յանկարծակիի բերաւ մեզի` չի կրցաւ, ու ո՛եւէ հանգամանք չունէր, Դիակեան Վոհմակին մէկ նոր ու անակնկալ հոգեբանութիւնը երեւան հանելու` մեզի համար։ - Մենք չէինք սպասեր, չէինք կրնար, վայրկեան մը անգամ, կասկածիլ թէ այդ գիշերախառն հոգիները պիտի համարձակէին, պիտի ահաւոր, անյղանալի ու անկարելի յանդգնութիւնն ունենային ՄԽՕԻ ՄԸ արիւնին մէջ թաթխուելու – այսինքն Հայրենիքին դէմ դարձնելու ու` Հայրենիքի այդ անզուգական ախոյեանին մէջէն` Հայ Ազգին սիրտն իսկ մխել ժպրհելու իրենց եղբայրասպան թունաւոր դաշոյնը։ Չէ՛, ա՛յսքան հրէշութիւն, կը խոստովանինք, վե՛ր էր` մարդկային ծայրագոյն անարգութիւնն իսկ յղանալու, երեւակայելու մեր կարողութենէն։ Ատիկա չէինք կրնար մեր մտքէն անցնել։ Ատիկա Անկարելիին, Անբնականին ու Գերմարդկայինին սահմաններուն մէջ կը
91
մնար մեզի համար, ու երբէ՛ք, րոպէ՛ մը իսկ, չանդրադարձանք ատանկ չարաշուք կարելիութեան մը վրայ։ Ու, բնականաբար, Դիակեաններու հրամանովն ու մեքենայութեամբը կատարուած Մխօի սպաննութեան բօթը սահմռկեցուց, քարացուց մեզի։ Դիակեան Հրէշութիւնը դիւային ու խօլական համեմատութիւններ կ’առնէր մեր աչքին։ Դիակեան Ճիւաղները իրենց պիղծ ձեռքերովն իսկ իրենց գերեզմանը կը փորէին Հանրային Խղճմտանքին մէջ – եւ դեռ ո՛վ գիտէ ո՛ւր...։ Բայց, կը կրկնենք, Շահէնի սպաննութեան գոյժէն առաջ մեզ ծանօթ էր արդէն Դիակեան Վոհմակին քստմնելի հոգեբանութիւնը։ Գիտէինք իրենց եղբայրասպան բոլոր մթին ծրագիրներն ու արիւնախանձ երազները։ - Գիտէինք, թէ ի՞նչպէս, ու Վատութեան ու նենգութեան ի՞նչ յաջորդական փուլերէ անցնելով, քաշկռտելով` Դիակեան Վոհմակին է՛ն անարգ ու է՛ն գետնաքարշ մարդակերպները եկեր, յանգեր էին Եղբայրասպանութեան եղեռնական փորձութեան ու խելագար որոշումին։ Ատե՛ն է, ու անհրաժե՛շտ է, որ Հայ Ժողովուրդն ալ գիտնայ ի՛նչ որ մենք գիտէինք ու ի՛նչ որ մենք գիտենք, անհերքելի իրողութիւններու եւ անջնջելի փաստերու հիման վրայ համոզուած։ * * * Դիակեան Դաւադրութեան ջախջախումէն անմիջապէս վերջն էր որ հետզհետէ երեւան եկաւ Դիակեան Վոհմակին այդ դժոխային հոգեբանութիւնը։ Նազարպէկ-Դիակը վերակենդանացնելու – ազգային այդ մեծագոյն Սրիկան նորէն ազգային ճակատագրին իշխող դիրքի մը հասցնելու – իրենց առաջին ոգորումներուն մէջ ճզմուած ու Հնչակեան Մարմինէն դուրս փսխուած` Դիակեան Ծառաները իրենց վախճանական ու անդառնալի խաղքութիւնն ու խորտակումը տեսան, խելառ ու սարսափած աչքերով չափեցին Անկումին անդունդը որուն մէջ թաւալգլոր կը մխրճուէին ու ա՛լ փրկութեան ու ինքնապահպանումի ամէն յոյս ու ակնկալութիւն կորսնցուցած` աճապարեցին կառչիլ Վատութեան ու Մատնութեան ընձեռած գերագոյն միջոցներուն։ Իրենց դողահար կատաղութեան չափ չի կար. կը փրփրային, կը լորձնոտէին, կը գալարուէին։ Մտածեցէ՜ք անգամ մը... դեռ հազիւ դուրս ելեր էին Ամօթին ու Անկարողութեան մութ ու գարշահոտ անկիւններէն ուր վեց տարի շարունակ քաշկռտուեր, քսոտեր էին եւ ուր` ամբողջ Հայութեան Թուքովը շաղախուած` բարոյական է՛ն վիթխարի ստորնացումին հետ` ճանչցեր, ապրեր էին ֆիզիքական – իրենց համար` աւելի ահաւոր – տուայտանքներն ալ, - իրենց մակաբոյծ գոյութեան խածատոլմները` Անօթութեան անողոք ակռաներէն...։ Եւ դարձեա՜լ պէտք պիտի ըլլար իրենց որ վերադառնային – եւ այս անգամ յաւիտենապէս – բոլոր այդ հազիւ թողուած տիղմին ու այդ հազիւ մոռցուած նեխումի ու սովալլկումի անկիւններուն... Օ՜, սոսկալի հեռապատկերը` Դիակեան պորտաբոյծ Ճիւաղներուն համար, որոնք Հնչակեան շարքերուն
92
մէջ տիրող Միութեան խանդավառութենէն ու անյիշաչարութեան ու ներողութեան վեհանձն ու սխրալի գինովութենէն օգտուելով` լեզունին բերներնէն դուրս կախած ու շնչասպառ ու հեւ ի հեւ համեր էին, անօթի փորերնուն վրայ սողոսկելէն` ու Հնչակեան շարքերուն մէջ մտեր էին` երդուըննալով, թէ ա՛լ խօսքն իսկ պիտի չընեն Նազարպէկ-Դիակին... Եւ հիմա` դեռ հազիւ մէկ երկու ամիս ինքզինքնին գտած, դեռ հազիւ քիչ մը մաքրուած 96-ի ազգային Թուքէն որ չէր կրնար բոլորովին ցամքիլ իրենց դատապարտուած ու խարանուած երեսներուն վրայ` հիմա, նորէն պէ՛տք պիտի ըլլար որ դառնային, թխմուէին Տիղմին մէջ ուրկէ նոր բաժնուեր էին... Օ՛, իրապէս զարհուրելի էր հեռապատկերը կամ` աւելի ճիշտ` մտապատկերը` Դիակեան Մարդակերպ Գարշանքին համար, որ խելայեղ, թունաւոր, գալարատանջ մոլեգնութեամբ մը, լարուեցաւ, պրկուեցաւ Հնչակեան այն վարիչներուն դէմ` որոնք, անողոք ու տիրական ձեռքով մը, պատռեր էին իր դիմակը ու մեռցնող արհամարհանքի կիցով մը դուրս նետեր զայն Հնչակեանութեան ետեւի դռնէն...։ Ու Վատութեան ու Մատնութեան տղմաթաթաւ Ոգորումն սկսաւ։ - Դիակեան ճզմուած Դաւադիրները սկսան` ոգի ի բռին` զրպարտել, վարկաբեկել, ցեխոտել` զիրենք խորտակող, իրենց դաւերը ի դերեւ հանող Հնչակեան Վարիչները։ Մեծադղորդ ու սպառնական պոռչըտուքներով` յայտարարեցին, թէ իրենք փաստեր ունէին ու պիտի ապացուցանէին այդ Հնչակեան Վարիչներուն «դաւաճանութիւնը»։ Ունա՜յն յայտարարութիւն, հոգեվա՜րքի սպառնալիք։ Դիակեան Դաւադիրները, իբրեւ ամբողջ փաստ, ուրիշ բան չի կրցան դուրս տալ, եթէ ոչ «լուրիաի եւ սթէյքի» ծիծաղելի եւ լղրճուկ պատմութիւններ։ Իրենց վարնոց նենգամտութիւնը խայտառակօրէն մատնուեցաւ սա իրողութեան մէջ` թէ իրենց փոխած բոլոր ստութիւնները անցեալին զրպարտութիւններուն վրայ կը լաստակերտուէին, ու խելքի ու խղճի տէր մարդիկը չի կրցան իրենց զզուանքը զսպել, յայտնապէս տեսնելով որ Դիակեանները չէին վարաներ երթալ ոտքով-ձեռքով միանալ իրենցմէ` ԱՆՑԵԱԼ «զեղծումներու եւ դաւաճանութիւններու» անունով զրպարտուած Հնչակեաններուն հետ։ Իրենց այս օրհասական ճիգերուն ունայնութենէն ու խայտառակումէն ա՛լ աւելի մոլեգնած ու խելագարած` Դիակեան Դաւադիրները չվարանեցան ո՛չ մէկ վատութեան, ո՛չ մէկ մատնութեան առջեւ։ Անոնք աննախընթաց ու անհաւատալի մատնութիւնը գործեցին ներքին կուսակցական արշիւները փողոցը թափելու եւ Հնչակեան Վարիչներու գողցուած նամակները ձեռքէ ձեռք պտտցնելու, զանոնք կրճատելով ու խեղաթիւրելով։ Անօգո՜ւտ մատնութիւն։ Բա՛ն մը չելաւ այդ բոլոր մատնիչ հրապարակումներէն, բա՛ռ մը չի կրցան գտնել այդ ներքին նամակներու դէզին մէջէն որ` ամենադոյզն չափով մը իսկ` ո՛եւէ Հնչակեան վարիչ իրապէս յանցաւոր ու դաւաճան ընծայելու յատկութիւնն ունենար։ - Իրենց ցածութիւնը իրե՛նց մնաց։ Դիակեան Մատնիչները անգամ մըն ալ խաղք եղան
93
Արտասահմանի մէկ ծայրէն միւսը։ Ու այս անգամ ա՛լ համոզուեցան, թէ պիտի չկրնային խուսափիլ վերջնական վերահաս կործանումէն... Ճգնաժամն էր ասիկա Դիակեան Նեխութեան Օճախին... Մահու եւ կենաց գերագոյն րոպէն... Պէ՛տք էր վերջին փորձ մը ընէին, պէ՛տք էր ծայրագոյն թաքթիք մը փորձէին... պէ՛տք էր մինչեւ ծայրը երթային խաղքութեան անելին, ուրկէ դուրս ելլելու համար` մէ՛կ ելք մը դեռ կը կարծէին գտնել, - Եղբայրասպան Եղեռնին ելքը...։ Աչքերնին արիւնով լեցուած` իրարու երես նայեցան Արզումանեան-Սաքունի-Կիւրեղեան Մարդակերպ Գարշանքը իրականացնողները։ - Անարգ ու այլանդակ մտածում մը կը ժպտէր իրենց ու, դժնէ ու դիւային ծամածռութեամբ մը, իրենք ալ կը ժպտէին ա՛յդ պիղծ ա՛յդ չըլլալիք, ա՛յդ զառանցական գաղափարին, - Հնչակեանութիւնը գլխատե՜լ...։
Ձայն հայրենեաց, [Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 16 Մայիս 1903, Դ. տարի, թիւ 187, էջ 1
ՀԱՅԱԴԱՒՆԵՐԸ
Ս. ՍԱԳՈՒՆԻ
Վերակազ. Հերձուած խմբակը իր լարած դաւադրական ծուղակի մէջ ինքը չորս թաթով բռնուելուց եւ փառաւորապէս խայտառակուելուց յետոյ, փոխանակ խղճահարուելու եւ իր ազգադաւեան ընթացքից յետ կենալու, ընդհակառակը` նա իր շահատակութիւնները ե՛ւս աւելի առաջ է ուզում տանել, յետս չընկրկելով ամէն աններելի միջոցների առաջ։ Երբ իրենց ղեկավարիչների խեղկատակութիւնները եւ լարախաղացութիւնները այլեւս գաղտնիք չէին ամէն փոքր իշատէ հետաքրքրուող հայի համար, երբ Բուլգարիայի եւ Ռումանիայի Հնչակեան Մասնաճիւղերի միահամուռ արհամարհանքին արժանացան իրենց քայքայիչ բոլոր փորձերը, երբ Միութեան անունով հաւաքուած քսան հազար դոլլարը փոխանակ տառապող Հայրենիքի օգտին ծառայելու մի քանի անխիղճների շիկացած կոկորդում անյայտացան, երբ վերջապէս իրենց շահագործութեան պատուանդանը եղող «Ամբոխ»-ը սկսել էր թափիլ եւ այլեւս պարզ տեսնում էին իրենց անխուսափելի անկումը, - ահա՛ այդ ժամանակ նորից սկսեցին իրենց պատմական խաչագողական եւ խաբեբայական արհեստին դիմել... եւ ի՛նչ արեցին։ - Միամիտներից 10-12 հոգի խաբեցին, Ամերիկայից ճանապարհ հանեցին, իբրեւ թէ երկիր ուղարկելու համար, նպատակ ունենալով այդպիսով ժողովրդին ցոյց տալ թէ իրենք գործ են կատարում, իսկ միւս կողմից այդ կերպով որ կերած դրամների հաշուի նկատմամբ սպասողական դրութեան մէջ դնեն խեղճ կողոպտուող ընկերներին։ Երկիր գնացողները
94
վերադարձան եւ հիմա Լոնդոնի փողոցների մէջ երկրաչափական արհեստը կսովորեն ի գին Ամերիկայի գործարանների մէջ աշխատող բանուորների, թէեւ այդ գնացողներից եղան խելօքները, որ աւելի ճարպիկ գտնուեցան, երբ Լօնդօն հասան, այնտեղ էլ մնացին, տեղերնից չշարժուեցան, իսկ ուրիշ մարդոց հասկացնում էին, որ նրանք արդէն Գործի վայրն են մեկնել։ - Ահա այդ անյաջողութիւններից յետոյ, միտք են յղանում մարդ ուղարկել Կովկաս, որ աշխատեն իրենց հայրենակիցներից անհատներ որսան, իսկ եթէ այդ էլ չյաջողուի` ապա զանազան ուղղութեամբ մտքերը պղտորեն եւ պառակտումներ յառաջ բերեն, որով մտած պիտի լինէին իրենց բուն դերի մէջ, եւ նրանք այդպէս էլ արեցին։ Նախընթաց առաջին նամակը պատկանում է X- կէտի Մասնաճիւղերից մէկին, իսկ երկրորդը մի նամակ է Մշեցու, որ գործել է մեր անմոռանալի ընկեր Մուրատի ղեկավարութեան տակ եւ տասն անգամ աւելի մեծ հերոսական գործեր է կատարել, քան Շահէնը։ Նամակի մէջ յիշատակուած դժբախտ դէպքի թատերաբեմի վրայ գտնուողները բոլորն ալ Մշեցիներ են, ո՛վ գիտէ, գուցէ Վերակազմեալ Հերձուածի տարաբախտ զոհի համագիւղացիները, մանկական ընկերները գուցէ եւ ազգականները։ Մի կողմից խաբուած, շահագործուած, սխալ մտքերով ներշնչուած, բորբոքուած Շահէնը, որ հայհոյում է եւ յարձակում է գործում, իսկ միւս կողմից անարատ սրտի տէր մի Հայաստանցի, որ տեսնելով ոտնակոխ եղած իր հոգեկան ամենասուրբ զգացումները, եւ յուսահատած իր բազմիցս կրկնուած զգուշացումների որ եւ է արդիւնք ունենալու մասին, կորցնելով սառնարիւնութիւնը եւ իրեն տիրելու ընդունակութիւնը, ո՛չ միայն բորբոքւած, հայհոյող եւ յարձակուող զոհին եւ իր երբեմնի սիրելի հայրենակցին առաջ չի կարողացել հանդարտուել կամ տեղի տալ, այլեւ ինքն իր մասին մտածելու անընդունակ, օրը ցերեկով եւ հրապարակի վրայ դաշոյնի դէմ դաշոյն է հանում։ Սպանութիւնը կատարուելուց յետոյ, ռուս կառավարութեան խուժանական տրամաբանութեան համաձայն` ձերբակալւում են 10-15 հոգի, բոլորն ալ Մշեցիներ, որ սակայն այդ ողբերգութեան մէջ եւ ո՛չ մի մասնակցութիւն են ունեցել, բացի խաղարարարի դեր կատարելուց եւ հրապարակային տեղի վրայ ներկայ գտնուելուց։ Սակայն սպանուողը կարող էր, գուցէ, դեռ օգտակար լինել, եթէ նրան չթելադրէին պրօպագանդիստի դերի մէջը մտնելու, որ սակայն իր գործը չէր եւ դրա համար պահանջուած անհրաժեշտ յատկութիւնները չունէր, նա ուրիշ տեղի համար պէտք կարող էր գալ եւ աւելի պատուաւոր կերպով մեռնելու բախտը ունենալ։ Սպաննողը առանց զգացմունքի չէ, նա էլ տառապեալ ժողովրդի հարազատ զաւակն է եւ Գործի աշխատաւորը. եւ սակայն ո՞վ է այդ բոլորի պատասխանատուն։ Մինչեւ ե՞րբ այս ազգադաւութիւնը, հայադաւութիւնը, եղբայրը եղբօր դէմ հանելու գործը։ Ա՞յս է օգուտը, որ պատուելին Վառնայի բեմերից յայտարարեց որ` «ինքը շարունակ պառակտումներ առաջ պիտի բերէ,
95
որպէսզի կազմակերպութիւնները ուժովնան»։ Ամօ՜թ եւ նախատինք ամէն բարձր զգացումներից զրկուած այդ թշուառականներին, որ մոլեգնած, կուրացած իրենց ստոր բնազդներից, այլեւս ո՛չ մի չափ, ո՛չ մի սահման դնել չգիտեն իրենց չարագործութիւններին։ Ամօ՜թ Ամերիկայի այն մի կարգ «Ամբոխ»-ին, որոնց դոլլարները տարաբախտ Հայրենիքին որ եւ է օգուտ չբերելուց զատ, միջոց են դառնում, որ մարդիկ երթան, շրջեն եւ քայքայելու փորձեր անեն այն շրջանակների մէջ, որոնց ուշադրութիւնը եւ գործունէութիւնը բացառապէս նուիրուած է իրենց թշուառ Հայրենիքի Գործին։ Այդ տեղերի մարդիկը լարախաղաց յեղափոխականների ստուերներ չեն, այլ մարդիկ որ սիրտ, բազուկ ունին, նրանք, պարզ է, տանջուող երկրի ջարդուփշուր եղող զաւակներ լինելով, ամէն բան տեսած, շօշափած լինելով` այդպիսիները երբէք չեն ուզիլ որ եւ է չափով ուշադրութիւն անգամ դարձնել, զբաղուել թրքական այդ գործակատարների գաղափարները ունեցողների արարմունքներովը։ Այդ մարդիկը լսել անգամ չեն ուզում այդ թշուառականների մասին, որոնք չբաւականանալով իրենց շրջանակները անգործութեան մատնելուց, միջամխւում են որ ուրիշ տեղեր էլ թունաւորեն իրենց հայադաւ մտքերովը։ Ի՞նչ են Մխօի դիակի վրայից գտնուած այդ պաշտօնական թղթերը, յանձնարարագրերը... ուրեմն իրենց ծրագրի հրաշալի կէտերից մէկն էլ այն է եղել, որ որտեղ ընդունելութիւն չգտնեն, իրենց իսկական դերը խաղան, մատնեն տեղական մարմինը։ Սա հաւատալի չէ, որովհետեւ իրենց այսօրուայ ղեկավարիչները ապացուցուած մատնիչներ են եղել, դա անհերքելի է։ Խորը ուշադրութիւն դարձնելու է նաեւ Մշեցու այն անպաճոյճ բողոքի վրան, որ ուղղուած է Հերձուածի Տաճկահայի եւ Ռուսահայի խտրութիւնը դնող պրօպագանդայի դէմ։ Արդեօք ո՜րքան ոսկիներ չէր թափիլ Սուլթանը այդպիսի պրօպագանդա առաջ տանելու հայերի մէջ... եւ սակայն այսօր այդ հայադաւ դերը ստանձնել են մարդիկ, որոնք իրենց առանց ամաչելու հայ են անուանում եւ է՛ն էլ յեղափոխական...։ Բայց մի բան սխալ հաշուի է առնուած. եթէ այդ թելադրութիւնները կարելի է անել Ամերիկայի մի բուռն հերձուածող «ամբոխ»-ին, դոլլարների շնորհով կարելի է մի քանի ծախու գրչակներ վարձել – այդ դեռ չի նշանակում թէ ամենին էլ եւ ամէն տեղ էլ նոյն չափով կարելի է չափել։ Հայութիւնը մէկ է, ամբողջապէս, անբաժան։ Կայ մի հայկական խնդիր, որ բոլոր հայերի խնդիրն է, աշխարհագրական ինչ լայնութեան տակ էլ որ գտնուին։ Եթէ թշնամին, տիրապետողը քաղաքականապէս մեզ բաժանել է, սակայն թշնամու գծած սահմանները արհամարհելով` մենք մէկ ենք եւ անբաժան, ու մեր ամբողջական ուժով էլ մեզ բաժանող իրաւունքի համար։ Հետեւաբար հայկական այդ ամբողջական ժայռի առաջ միշտ պիտի փշրուեն ամէն այն ոճրագործ գաղափարները, որոնք նպատակ ունին Ռուսահայի, Տաճկահայի խնդիր յարուցանելու։
96
Չեմ ուզում այստեղ փաստեր եւ իրողութիւններ յառաջ բերել, բայց ճշմարտութիւն է, որ Հերձուածողները երբէք ո՛չ մի ժամանակ մուտք եւ ընդունելութիւն չեն կարող գտնել Կովկասի մէջ, իրենց թրքական գաղափարները այնտեղ ծաւալ չեն կարող առնել։ Կովկասի տաճկահայ գաղթականների մէջ, մասնաւորապէս, երբէք չի կարելի այդ կործանարար խտրութիւնը մտցնել, որովհետեւ նրանք բոլորը, բարեբաղդաբար, հայաստանցիներ են, հետեւապէս ամէնքն էլ մաքուր եւ անարատ զգացմունքների տէր մարդիկ։ Աւելի քան 6-7 տարիներից իվեր ապրելով Կովկասի գիւղերի մէջ, փորձով նրանք տեսած են, որ նոյն իսկ 97-99 թուականներին, երբ իրար յետեւից կրկնուող երաշտութեան շնորհիւ սով էր տիրում, այնուամենայնիւ Կովկասի մէջ ապրող հայերը իրենց վերջին կտոր հացը եւ վերջին ցնցոտին հայաստանցի եղբայրների, քոյրերի հետ կիսել չզլացան։ Կովկասի հայ գիւղացիներն էին 40-50 հազար գաղթականներ պահողը։ Իսկ այսօր Պօլսական այլասեռուած մթնոլորտի արտադրութիւնը եղող, այդ էապէս հայախօս թուրք տարրը, անտեղեակ այն սրտառուչ եւ հոգեբուխ զգացմունքներին, որով կովկասահայը համակւում ու ցնցւում է իրա համար դիւթիչ «Հայաստանցի» բառը լսելիս, եւ վեր են կենում այդ ապականուած Հերձուածի տարրերը, թրքահայի եւ ռուսահայի խնդիր են յարուցանում։ - Եւ այս քարոզողները այն մարդիկ են, որ հայ ժողովրդի կեանքով եւ կարիքներով այնքան են հետաքրքրւում, որքան որ շինական ներքին խառնակութիւններով։ Ի՛նչու համար գերի դարձած իրենց շահագործումի ստոր բնազդին, երկու եղբայրակից տարրին իրարու դէմ զինելու անարգ գործերն են կատարում։ Շահէնը Վերակազ. Հերձուածի զոհն է, դա անուրանալի է։ Տեղի ունեցած ցաւալի դէպքը մտածել, խորհիլ պիտի տայ Լօնդօնի եւ Ամերիկայի այլասեռուած թշուառականներին, այդ թուրքից աւելի վատթար թուրքերին, որ վերջապէս դադրին իրենց կործանարար պրօպագանդայից, իրենց թրքական մտքերից, Տաճկահայի Թրքահայի խնդիրներ յարուցանելուց։ Բայց իհարկէ, ինչ իրենց հոգը, վաղը կը շահագործեն մէկ ուրիշը, եւ ով գիտէ էլ ինչ շահագործութեան առարկայ չեն անիլ խեղճ ընկնողը, որ սակայն իրենց զոհն է։ Իսկ դո՛ւ, ի՞նչ ես խորհում անել, հայ ժողովուրդ, դեռ երկար պիտի հանդուրժես այդ ազգադաւ արարածներին, եւ քո սեպհական արիւնովդ սնուցանես այդ թրքացած ճիւաղներին։ Ընկերներ, հայրենակիցներ, ազգակիցներ, արիւնակիցներ, զգաստացէք եւ ձեր շուրջը դիտեցէք։ Յանցանք է այդ աստիճան անտարբեր լինելը դէպի այն վատասեռուածները, որոնք հայ ճակատագրի հետ անարգ խաղերի մէջ են մտել։ Եղէք ձեր հայրենիքի հարազատ զաւակը, տուեցէք այդ մեհրուժանածիններին իրենց արժանաւոր դասը եւ դուրս, ձեր մէջէն դուրս վտարեցէք, թող երթան եւ պաշտօնապէս իրենց պապի` Համիդի ծառայութեան մէջ մտնեն, զի նրա գա-
97
ղափարներն են տարածում եւ նրա շահերը պաշտպանում։
Երիտասարդ Հայաստան, [Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանի Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 23 Մայիս 1903, առաջին տարի, թիւ 3, էջ 20-22
ԱՐԻՒՆՆ ԱԼ ԿՇԱՀԱԳՈՐԾԵՆ
Ա. ՎԱՐԱԳԵԱՆ
Չպիտի թուեմ այն բոլոր մանրամասնութիւնները թէ 1896-էն յետոյ ի՛նչ խոստումներով Մխօն իրենց ծուղակը ձգեցին եւ այսպէս կտրատեցին անոր մէջի ջիղերը։ Այդ վայրկեանէն է որ Մխօի անցեալ կեանքի վարագոյրը կգոցուի եւ կսկսի նոր մը որուն եւ ոչ մէկ կռուող պիտի նախանձի։ Իսկ եթէ զինքը շահագործողները ինչո՞ւ Մխօի ստուերը բարձր պատուանդանի վրայ դրած` ծնկաչոք երեսնին հողերը կքսեն. – զարմանալու բան չկայ, անոնք որ քիչ շատ Հերձուածի վարիչներուն սրտին թափանցած են, անոնք որ Միութեան դաւադրութիւններու փուլերուն մանրակրկիտ հետեւած են, պիտի հասկնան թէ քանի անոր դիակը թարմ է` պիտի պատնէշ ընեն իրենց դէմ եւ ետեւը ապաստանին, քանի անոր արիւնը թաց է` անոր գոլորշիներու մէջ իրենց դիմաստուերները պիտի կորսնցնեն։ Ամէն ճիգ թափեցին Մխօն Ամերիկա բերելու եւ բերին, անոր անունով քանի քանի տեղեր հանգանակութիւն ըրին եւ դրամը Պօսդօնի գողերու եւ աւազակներու կոկորդը անցաւ։ Ճաշարան մը, սրճարան մը անոր տրամադրութեան տակ կջանային դնել ամէն տեղ` ուր որ երթար։ Պօստօն, Փրօվիտէնս պիտի վկայեն ատոր։ Այսպէս երկար տարիներ անոր պատկերը իրենց ընկերներու աչքին ցուցնելով ընկերները խաբխբեցին, դրամներ կորզեցին եւ ապրեցան, չմոռնալով հանդերձ դէպի այն իրենց ցցուցած գորովին հետ խառնել նաեւ ատելութեան թոյն, անոր կիրքերու քուրան արծարծել դէպի ռուսահայերը ընդհանրապէս, իսկ այլ կուսակցութիւնները մասնաւորապէս։ Միութեան հովերը փչեցին, ոյժերը կխտանային, շարքերը կլայննային, կռուի գնացող զինուորներ պիտի կոչուէին, այսպէս կհաւատար Մխօն։ Միութեամբ ոյժ ամբարել, պաշար պատրաստել, դրամ, մարդ զէնք եւ որոտընդոստ գործունէութեան սկսիլ։ Մխօ եւ իր նմանները բնաւ չտարակուսելով իսկ թէ իրենց վարիչներու մտքին մէջ Միութիւնը տեղ չէր բռներ, կատարուած միութիւնը այն իսկ իրենց սրտերուն մէջ հիմ չունէր, միացած էին սոսկ Հնչ. Կուսակցութիւնը տապալելու, Հնչակը պարպելու, ինչպէս որ հիմա իր արիւնը աճուրդի հանած են, այն ատեն հայութեան դատն էր որ հրապարակ դրած էին, մեծաքանակ կշահագործէին։ Հայ դիակներու վրայ խրախճանքներ կատարել 20 հազար տոլարներով։ Որովհետեւ այն տարրը որուն հետ միացած էին, չէին թոյլ տար որ այս համեղ
98
պատառները դիւրութեամբ մարսեն եւ բնականաբար մեծադղորդ խլրտումներ ալ պիտի ծնէին նոյն իսկ միութեան երկրորդ օրը, հազիւ ընկերներու համբոյրները պաղած։ Եւ ահա կրքերու խառնարանը սկսան արծարծել եւ ալիքներ բարձրացնել։ Ամերիկայի հնչակեան ընկերներ որոնք կը տեսնէին այն շէնքին տակաւ տակաւ քայքայուիլը, որը իրենց արիւնով շաղախած էին, իրենց ոսկորով կերտած, կտեսնէին թէ ինչպէս անխիղճ դահիճներ տապարի ուժգին հարուածներով անոր հիմերը ջարդ ու փշուր կընէին, արիւն կքամուէր իրենց սրտերէն, կբողոքէին այս ոճիրներու դէմ։ Եւ որպէսզի աւերումի այդ սայլը անսայթաք քալէր, բողոքող, կռուող տարրի արգելքներուն չհանդիպէին, սպառնացան, կազմակերպեցին տէռորական խումբ որպէսզի «դաշունով լռեցնէին»։ Մխօն մէկն էր այդ խումբի անդամներէն, անոր ատելութեան խարոյկը վառեցին, ուռեցուցին զայն` օդապարիկի պէս` բոլոր այն «խռովարարներու» դէմ, որոնք կյանդգնէին խռովել իրենց վարիչներու խրախճանքը։ Սեպտ. 17-ին (1902)` Պոստոնի ընկերական ժողովը շատ մտքեր բացեց եւ շատ դասեր տուաւ ընկերներու։ Մխօն այնտեղ որ բռնկած` վառօդի բոց կտրած կուզէր լափել, աջ ու ձախ 50-60 ընկերներ իրմով զգաղեցնելով։ Ներկաներու յիշողութեան վրայ դրօշմուած է այդ դէպքը եւ այդ օրուայ Մխօն որ կմրմնջէր միշտ, «Երանի՛ թէ րիվոլվրս հետս բերած ըլլայի» իհարկէ իր եղբայրներուն դէմ, որ ատեն ընկերներ շատ ներող ու քաղցր վարուեցողութեամբ վերջ չդնէին, անբնական չէր որ իր դիակին հետ իյնային նաեւ 10-15 ընկերներ ալ։ Կարելի չէ մոռնալ այդ օրը որ ոչ մի զէնք չկրնալով գտնել, հովանոցով մը մէկի բազուկը տրորեց։ Մեղաւորը Մխօն չէր. ո՛չ, հապա իր թեւին տակ կծկտողները։ Կարելի չէ բաղդատել 94-95-ի Մխօն այդ օրուայ Մխօի հետ, երբ երկար յուզումներէ վերջ հանդիսաւորապէս ուխտեց «Փրովիտէնս երթալէս վերջ այլեւս պէտք է իմ զինուորական պարտքս կատարեմ», որո՛ւ դէմ, - այն ընկերներու որոնք գործըւած զեղծումներու դէմ բողոքե՛լ եկած էին։ Փրօվիտէնսի անդամական ժողովին մէջ խլէզուկ պառակտիչի խօսքերը ի՛նչ կնշանակէին, «ձեր ընկերն է, ձեր մօտն է, ձեր քովն է...», որ իր ատենին բաց նամակով Հնչակեան Գործաւորը հրապարակ դրաւ։ Գուշակելու հարկ չկայ թէ ընկերներու զէնքը դէպի որու էր որ ուղղել կուտար մէկը որ հրապարակով թէեւ իրենց ալ գործիչն էր, բայց գիշեր ցերեկ հետամտածէին անոր արեւը խլելու։ Արսլանն էր որ շարունակ կկրկնէր, «մենք Մխօին հետ համաձայնութեան եկած ենք որ այս խնդիրները դաշոյնը պիտի մաքրէ»։ Դաշոյնի արժանը ո՛վ է։ Նոյմբ. 8-ի Փրովիտէնսի ընկերական ժողովին էր դարձեալ «զինուորական պարտականութիւն կատարողները» դուռը գրաւած էին ու կմրմռային դէպ ընկերները, որոնք վերջին փորձը կընէին գործերը կարգադրելու։ Տէռօրական խումբն է, որ իբրեւ երկիր գնացող կամաւորներ` ամեն մէկին տէռորական պաշտօն մը յանձնուած էր Լոնտոնի Հնչ. Կեդրոնի անդամները զարնելու։
99
Խումբին ամենէն կարող ընկերոջ երբ կհաղորդեն իրենց սեւ ծրագիրը, պժգանքով կձգէ, կհեռանայ իրենց հետ նոյն իսկ երկիր գնալու մտքէն, կթքէ իրենց կազմակերպութեան վրայ ու կմտնէ Հնչ. Դրօշի տակ։ Իրենց յերուրած առասպելները չեն ասոնք որ իբրեւ թէ Լինի մէջ կատարուած են, այլ իրողութիւններ եւ մարդը հոս է եւ իրենց ընկերն է։ Պր. Սապահ-Գիւլեանը իբր Հնչակեան գործիչ, իրենք հասարակութեան առաջ պարծանքով եւ հպարտութեամբ կուռէին անոր կարողութեան եւ պերճախօս տաղանդին վրայ եւ սակայն նոյն պահուն ներքնապէս ընկերներու շարքերուն մէջ ի՞նչ զարհուրելի պրօպականտով ընկերները անոր դէմ կլարէին` ի՛նչ լկտի եւ վարնոց որակումներով զինքը վարկաբեկել կը փորձէին, զայն սեւցնել։ Մենք չէինք զարմանար երբ իրենց փալասի մէջ «սինլքոր վարձկան»-ներու հայհոյանքին դէմ ժողովրդին փսխունքը բերաւ, որոնք տակաւին իրենց ներքին շարժումներու մէկ փոքր արձագանքն էր հրապարակ դրին։ Թող իրենց «աղբանոց» տեղեկագրերը եւ շրջաբերականները։ Անոր կեանքի դէմ ինչ դաւեր չխաղացին, ութ տեղեր առանձին ճամբաներու վրայ, իսկ թէ անկարող եղան, Ամերիկայի դրութիւնն էր որ զիրենք կը կաշկանդէր, գիտէին այդպիսի փոքր փորձ մը իրենց ամբողջ կազմակերպութիւնը հիմնայատակ կընէր նախ Պոստոնի եւ Փրովիտէնսի ջոջերը վտանգելով։ Լօվէլէն եւ Լօրէնսէն մարդիկ կը վարձեն եւ կը ղրկեն որպէսզի Պր. ՍապահԳիւլեանի հետ կռուի բռնուին եւ զարկեն... վարձուածները դասերնին առին եւ ետ դարձան... եւ այս այն պահուն է, որ իբրեւ իրենց գործիչ կհռչակէին հրապարակապէս։ Պոստոն Յունվ. 24-ին Պատգ. ժողով կկազմեն հերձուածի վարիչները եւ իբրեւ գործիչ Պր. Սապահ-Գիւլեան կը հրաւիրեն ներկայ ըլլալ։ Օհ, Լինչի օրէնքով սպաննել էր մտադրութիւննին, եթէ յաջողէին։ Հնչակեաններ մէկիկ մէկիկ ճամբու կդնեն, որոնք սոսկ հանդիսատես էին։ Ի հարկէ Տամպուրաճեաններ յանցաւորներ չեն, երբ անոնց կիրքերը կլարեն եւ ժողովի կուգան որ գործադրեն իրենց հրահանգուածները։ Կրնան ուրանալ այդ ժողովի մէջ եղած դաւադրութիւնը երբ յարձակման կէտին` Ե. Կաճարեանը` միակ ներկայ եղող Հնչակեանը առաջ կնետուի եւ րիվօլվըրը կքաշէ, կդիմադրէ խուժանին եւ Պր. Սապահ-Գիւլեանը հետը առած կմեկնին ժողովէն, կբաժնուին մեր հետ «գիրկընդխառնուած» երբեմն, ընկերներէն։ Ո՞վ է եղբայրասպանը, ընկերասպանը։ Պր. Սապահ-Գիւլեանը միութիւնը պահող թիկունքն էր, բայց որովհետեւ հերձուածի դաւադիրները անպատճառ կուզէին պառակտում յառաջ բերել, եւ երբ իրենց շատ փորձերէն յետոյ` տեսան որ նա իբրեւ ոյժ իրենց դէմ պիտի կռուի եւ ամեն ինչ հրապարակի դնէ, ահա թէ ինչո՛ւ մէջտեղէ վերցնելու եւ ոչ մի ջանք խնայած են եւ հիմա ալ ամէն սլաք իր դէմ են ուղղած... Տեսնենք։ Սխալը այն տեղն էր, որ Մխօն կիյնայ հերձուածի վանդակին մէջ եւ գողերու, աւազակներու, Նազըմ-Միւնիրականներու խմբին կընկերակցի։ Շիգակոյի իրենց մասնաճիւղը շրջաբերական կհանէ եւ տէռորական խմբին կազմութեան ջատա-
100
գով կկանգնի որ իրենց վարիչները յղացած են եւ կպնդէ որ շուտով կազմուի որպէսզի «արտասահմանի» մէջ «դաշունով մաքրեն» խռովարարները։ Որպէսզի իրենց ընկերները խաբեն, անոնց գայթակղած մտքերը բուժեն, կուսակցութեան այս տակնուվրայութեան պահուն իսկ հերձուածի ղեկավարները ամէն ճիգ եւ ջանք չեն խնայեր, կը վազեն, կը վազվզեն տէռոր կամաւորները ճամբու կդնեն, որպէս թէ «խաղաղութիւնը կատարեալ է, միութիւնը անխախտ է, քանի մը խռովարարներ են միայն» եւ ասանկով հասարակութիւնն ալ կխաբեն, ի՛նչ կըլլայ որ 20 հազար տոլարէն հազարն այսպէս կծախսեն թէ երկիր գործունէութիւն ունինք ըսելով` հայ ժողովրդի ուշադրութիւնը վրիպեցնեն իրենց խաղերէն։ Կամաւորներէն ոմանք արդէն սահմանագլուխ հասած կհռչակեն իրենց շրջաբերականներով, իսկ ոմանք տակաւին ճամբայ չինկած իբրեւ շօի (ցուցահանդէսի) պատկերներ` քաղաքէ քաղաք զիրենք ցոյց կդնէին ընկերները խաբելու համար դարձեալ։ Մխօն սիրողը մենք էինք որ զինքը կյորդորէինք առայժմ չշարժիլ, սպասել։ Պր. Սապահ-Գիւլեանն էր որ քանիցս ստիպեց որ չերթայ եթէ երկիր գործել է նպատակը` մինչեւ գործերը իրենց վիճակը գտնեն։ Պր. Սապահ-Գիւլեանն էր որ Մխօին կըսէր թէ *** կէտի մէջ քեզ գործելու յարմար գործ չկայ այժմ, եկո՛ւր եւ գնա՛ ** կէտը, որու համար թէ քեզ նմանի անհրաժեշտութիւն կայ եւ թէ լաւ ալ պատրաստութիւն։ Մխօն ուզեց, պահ մը լսեց... բայց հերձուածի վարիչները խեղճի հետ ուրիշ հաշիւներ ունէին։ Պ. Ե. Կաճարեանն էր որ կպնդէր թէ մի երթար առ այժմ, քեզ գործիք կուզեն ընել։ Իսկ հերձուածի վարիչները չէ թէ միայն կմղէին, կհրէին, կհրմշտկէին, այլ նոյն իսկ անոնց կբարկանային որ ետ կեցնել կուզէին, «տղայքը փափաք ունին երթալ գործելու, ինչո՞ւ արգելք կըլլաք»։ Խելօքնին մէջերնէն Կարօն եղաւ որ չգնալէն զատ` մինչեւ Նիւ Եորք Մխօի ետեւէն գնաց որ ետ կեցնէ, սակայն ուշ էր։ Մխօն ինքն էր որ Նիւ Եորքէն Փրօվիտէնս իր բարեկամներուն կգրէր` թէ հակառակ իր կամքին կղրկեն, չուզեր` բայց ստիպուած կերթայ։ Թող վկայեն իր ծանօթները, ո՞վ է պատասխանատու որ անոր կեանքը աւերեցին եւ վերջապէս կեանքին վերջ դնել տուին իրենց հաշիւներուն գործիք դարձնելով։ Թող լան, ոռնան, բայց մենք գիտենք որ մարմարէ սրտերէ, ապակի աչքերէ բխած պաղ ու կեղծ կաթիլներ են։ Իրենք կվազեն եւ կվազեն հոս կուգան, Չարլս գետի ափերին «սթէյքներ» ուտելու, իսկ անգիտակից ընկերներ` հայասպան մտքերով, ազգադաւ խորհուրդներով կղրկեն եւ զոհ կուտան իրենց հաշիւներուն։ Մխօի խմբին ընկերն էր որ դեռ ասկից չմեկնած` ասկից Հնչ. Կեդրոնի անդամներուն կը գրէր որ «պիտի գան ու իրենց դիակները փռեն Լոնտոնի փողոցներուն մէջ, եւ երբ գնացին, արհամարհանքի թուքով մը գնահատուեցան, այս ալ կրնա՛ն ուրանալ. գիր է, խօսք չէ որ միւս վայրկեանին ուրանան իրենց սովորական ձեւով։ Բոլոր այդ զեղծումները կատարեցին, այդ մէկ երկու կամաւորները որ ճամբեցին, դարձեալ չյաջողեցան վարագուրել իրենց արարքը, ոմանք ետ դարձան,
101
հիմա Լօնտօնի փողոցները կչափչփեն, ոմանք Նեղոսի ափերէն իրենց հայհոյանք կուղարկեն, մէկը գնաց իրենց նախահօրը գնդակահար ընելու, եւ ուրիշներին ալ Ռուսաստան երթալու` քանդման եւ մատնութեան հրէշային մտածմունքն էին տուած։ Այդ վարագոյրն ալ պատռեցաւ։ Ինչոր ընկերները կխաբէին, ակնկառոյց կսպասէին որ սահմանագլուխ հասնողներէն եւ Մխօէն *** կէտէն լուր ստանալ, յանկարծ մեծ զարմանք բոլորին որ Մխօն Ռուսաստան է եւ հոն սպանուած, ինչոր *** երթալու ճամբան չէր։ Փոխանակ Մխօին իր ժանգոտած զէնքը ձեռքին տալու եւ ղրկելու, ինչոր իր կոչումն էր, ինչոր ընկերները հաւատացած էին, իր ոյժէն, կարողութենէն վեր միսսիաններով, յանձնարարագրերով վկայագրերով` կղրկեն Ռուսաստան։ Ռուսաստանի... գաղտնի հասցէներով, որ Հնչ. Կեդրոնէն գողնալով` անոր գրպանը կլեցնեն, թէ ինչո՛ւ համար, այդ պարզ է։ Որպէսզի Հնչակեաններու դէմ կռիւ մղելէ զատ ռուսահայերու դէմ կռիւ քարոզէր, հնչակեան շարքերը քանդէր, եղբայր եղբօր դէմ ատելութիւն սերմանելով արիւնահեղութիւն երեւան բերել, ինչոր տարիներէ իվեր Սուլթանի գործակալներու փայփայած ծրագիրն է։ Իսկ Հնչ. Կուսակցութիւնը այս բոլորին հանդէպ ոչ մի պատասխանատւութիւն ունի։ Մխօն երբեմն կռուող այժ մըն էր, յետոյ դաւաճան ձեռքերու մէջ, համակերպեց եւ իր կոչման հակառակ ուղղութեամբ ընթացաւ։ Տօլանտրճի պատուելիի ոճիրներու դէմ ոչ ոք կրնար անտարբեր մնալ, ոչ ոք թոյլ կտար, որ այդ Կաչաղակը մտնէր, հնչակեան շարքերը աւրշտկէր։ Չէ թէ յեղափոխութեան շարքերէն, ապա հայութեան ծոցէն իսկ այդ տօլանտրճի պատուելիին արտաքսելու էր։ Աննման գիւտ, չնաշխարիկ գոհար մը չէ անոր նկատմամբ շրջաբերականներ երեւան դնելը, քանի որ վաղուց իվեր հայ հասարակութեան կըսենք մի եւ նոյն բանը հրապարակաւ։ Տօլանտրճի պատուելիին բռունցքով` ծեծելով` արտաքսելը պարտականութիւն էր եւ պիտի ընէին։ Այս երկրորդ անգամն է որ այդ անպիտանը միեւնոյն խաղը խաղաց Գործի հետ։ Ուստի թող Մխօի անունը չի բերեն ու չկցեն այդ Սինլքոր պատուելիի անուան հետ, այդ կեղծիքներով չեն կրնար իրենց անասնացած խղճմտանքի վրայ ծանրացած բեռը թեթեւցնելու։ Այո՛, թող լան, ողբան, ոռնան, բայց ինչպէ՛ս պիտի անդորրեն իրենց խիղճը, եթէ իրաւցնէ քարի կտոր մը չէ։ Շահէնը հերձուածի զոհն է եւ իրենց թրքական գոյութեան մահարձանը, անոր ուրուականը շարունակ պիտի հալածէ զիրենք։
Երիտասարդ Հայաստան, [Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանի Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 13 Յունիս 1903, առաջին տարի, թիւ 6, էջ 45-48
102
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ Ս. Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 1887-1962
ԱՐՍԷՆ ԿԻՏՈՒՐ
[...] Կովկաս անցած Մխօ Շահէնը, յաճախ իր վարած փրոփականտի պատճառով կ’անարգուէր այդտեղի հայաստանցի բանուորներուն կողմէ, որոնք զինք կը դատապարտէին իր դաւադրական գործին համար։ Ի վերջոյ, վիճաբանութեան մը ընթացքին, երբ Շահէն լուտանքներ կը թափէ Հնչակեան դրօշին հաւատարիմ մնացած գաղափարական ընկերներու հասցէին, ներկաները, քանի մը անգամ զգուշացնելէ յետոյ, զինք կը ծեծեն։ Ասոր վրայ Շահէն ատրճանակը կը քաշէ ներկաներուն վրայ, սակայն գրգռուած բազմութիւնը լինչի կ’ենթարկէ զինք։ Ռուս ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ դէպքին մասնակցողներէն 10-15 հոգի, որոնց գոյքերը խուզարկած ատեն կը բռնուին կարգ մը կարեւոր թուղթեր եւ կուսակցականներու անուանացանկեր։ Մխօ Շահէն, հակառակ իր վերջին շրջանի հակակուսակցական արարքներուն, իր տեղն ունի մեր հին հերոսներուն մէջ։ Ծնած էր 1866-ին, Մշոյ շրջանի Տերէվանք գիւղը եւ շատ գործօն մասնակցութիւն ունեցած էր Հնչակեան ասպատակային գործունէութեանց մէջ, Արբոյի, Խուլփեցի Առաքելի, Սասունցի Գրքոյի եւ ուրիշներու հետ։ Քանիցս ձերբակալուած ու փախած էր. Աքքիայի մէջ բանտակից եղած էր Ճանկիւլեանի հետ։ Աքքիայի բանտէն փախչելով ատեն մը անցած էր Կիպրոս, աւելի ուշ Ապահի եւ ընկերներուն հետ Կիլիկիա` Աղասիին մօտ երթալու համար։ 1895-ին Չորք Մարզպանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մէջ շատ մեծ դեր կը խաղայ։ Հոն կը ձերբակալուի եւ կը տարուի Հալէպի բանտը։ Ընդհանուր ներումի ատեն Շահէնն ալ ազատ կ’արձակուի եւ կ’անցնի Ամերիկա։ Հոն ալ կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել կուսակցութեան բոլոր ձեռնարկներուն։ Սակայն, աւելի ուշ, զոհ կ’երթայ Վերակազմեալներու դաւերուն եւ նախկին քաջարի յեղափոխականը կը դառնայ յետաշրջական շարժման կոյր գործիք եւ... զոհ։ Մխօ Շահէնի սպանութեան լուրը Ամերիկա կը հասնի 1903 Ապրիլի սկիզբները եւ կը ցնցէ ամբողջ հայ գաղութը, որովհետեւ առաջին անգամն էր որ կուսակցական կեանքի մէջ եղբայրասպան դէպք մը տեղի կ’ունենար։ Մասնաւորապէս գերագրգիռ վիճակի կը մատնուին Վերակազմեալները, որոնք «վրէժ» կը պոռային եւ կիրքերը կը հրահրէին...։
Արսէն Կիտուր, Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 1887-1962, Ա. հատոր, Պէյրութ, Հրատարակութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուս. Պատմագրութեան Կեդր. Յանձնախումբի, 1962, էջ 285-286
------
103
53. ԴԱՐՄՕ (սպանութիւն) 7 Ապրիլ 1903, Մահլամ գիւղ (Սալմաստ) Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ատրպատականի Կենտրօնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐ
Հ. Յ. Դ. Ատրպատականի Կ. Կօմիտէի որոշումով այս տարւայ ապրիլի 7-ին Սալմաստի Մահլամ գիւղի գերեզմանատանը մահւան պատժի ենթարկւեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան նախկին զինւոր Դարմօն, որը իր կոչումը մոռացած` մի պատուհաս էր դարձել անմեղ ժողովրդի համար։ Նոյն վիճակին կ’ենթարկւի ամէն ոք, ով նոյն ընթացքը կը բռնէ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մայիս 1903, XIII տարի, թիւ 5 (136), էջ 80
------
54. ՆԵՐԿԱՐԱՐ ԾԱՏՈՒՐ ԵՒ ԽԱՅԸՐՍԸԶ ԿԱՐԱՊԵՏ (սպանութիւն) 26 Մայիս 1903, Զմիւռնիա Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Զմիւռնիոյ Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐ
Հ. Յ. Դ. Զմիւռնիոյ Կօմիտէի որոշմամբ` մայիս 13/26-ին մահւան պատժի ենթարկւեցին յայտնի լրտեսներ` ներկարար Ծատուր եւ խայըրսըզ Կարապետ, առաջինը` իր տան մէջ, երկրորդը` հրապարակի վրայ, խուռն բազմութեան ներկայութեամբ։ Գնդակներ արձակւած են նաեւ ոստիկան Եօմէրի վրայ։ Կռիւը քանի մը րոպէ տեւած է. ոստիկանը, երկու գնդակ արձակելէ յետոյ, տեսնելով որ իր կեանքը վտանգի մէջ է, ստիպւած է եղեր ետ դառնալ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մայիս 1903, XIII տարի, թիւ 5 (136), էջ 80
------
104
55. ԳԱՐԵԳԻՆ ՉԻԹՃԵԱՆ (սպանութիւն) 12 կամ 13 Յունիս 1903, Օտեսա Հանգամանք` Վերակազմեալ Հնչակեան գործիչ Կազմակերպող` Հնչակեան Կուսակցութիւն
Օդեսայի ամերիկեան հիւպատոսը պաշտօնական հեռագրով մը կիմացնէ Ուաշինթն` արտաքին գործոց նախարարութեան, թէ Գ. Չիթճեան սպաննուած է խումբ մը թուրքերէն։
Երիտասարդ Հայաստան, [Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի շրջանի խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 20 Յունիս 1903, առաջին տերի, թիւ 7, էջ 56
ԳԱՐԵԳԻՆ ՉԻԹՃԵԱՆ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ
Կիրակի առաւօտ, Ամերիկեան Մամուլին մէջ երեւցաւ հետեւեալ բօթաբեր հեռագիրը. «ՈՒՕՇԻՆԿԹԸՆ, Յունիս 13, - Միացեալ Նահանգաց Օտէսայի հիւպատոս` Հինէն հեռագրաւ կը ծանուցանէ Արտաքին Գործոց նախարարութեան (State Department) թէ Գարեգին Չիթճեան, ամերիկեան քաղաքացի մը, սպաննուած է այսօր նոյն քաղաքին մէջ, խումբ մը թուրքերու կողմէ` որոնք ձերբակալուած են։ «Չիթճեան ծնած էր Խարբերդ, Թուրքիա, 1863-ին եւ դեռ տղայ եկած Միացեալ Նահանգները։ Կը բնակէր Ուսթր, Մէս, ուր քաղաքացիացած էր եւ կղերական կարգուած։ Անցեալ Սեպտեմբերին Եւրոպա գացած էր։ Հոս կը հաւատացուի, թէ Օտէսայի ռուսական իշխանութիւնները արդարութիւն ի գործ պիտի դնեն այս սպաննութեան համար»։ Ուօշինկթընի State Departmentէն հաղորդուած այս պաշտօնական հեռագիրը հրատարակուեցաւ միաժամանակ Ամերիկայի բոլոր կարեւոր թերթերուն մէջ։ Աւելորդ կը սեպենք հոս հրատարակել այս առթիւ Ամերիկեան Մամուլին մէջ երեւցած հեռագիրները, խորհրդածութիւններն ու կենսագրական եւ այլ յօդուածները։ Ուսթրի եւ Պոսթընի թերթերը մասնաւոր համակրանքով մը ծանրացան Չիթճեանի կեանքին ու հանրային գործունէութեան վրայ։ Բայց որպէսզի վերեւի պաշտօնական հեռագրին մէջ գործածուած «խումբ մը թուրքեր» բացատրութիւնը ո՛եւէ սխալ մեկնութեան տեղի չի տայ` կարեւոր կը համարինք հոս դնել New York WorldիՕտէսայէն ուղղակի ստացած հետեւեալ հեռագիրը. «ՕՏԷՍԱ, Ռուսիա, 13 Յունիս, - Գ. Պ. Չիթճեան, Պոսթընէն, խմբագիր Ձայն հայրենեացի, երէկ սպաննուեցաւ այստեղ։ Սպաննիչները ձերբակալուեցան, եւ սակայն անկարելի է դեռ հասկնալ այս ոճիրին շարժառիթները։
105
«Բանտարկեալները թրքական անցագրեր ունին եւ կը կարծուի թէ Հայեր են»։ Երկուշաբթի օրուան թերթերը կը հաստատեն Չիթճեանի հայերու կողմանէ սպաննուած ըլլալու պարագան։ * * * Մխօէն վերջ` Չիթճեանը։ - Արի ու անձնուրաց զինուորէն վերջ` յեղափոխական ամբասիր գործիչը, ամբոխներու հոգին ցնցել, փոթորկել գիտցող հայրենաշունչ առաքեալը։ Միեւնոյն Դիակեան սեւհոգի Ճիւաղներն են որ Մխօի արիւնը խմելէ վերջ, Չիթճեանի արիւնովը կ’արբենան հիմա։ - Թո՛ղ անոնք իրենց դժոխային խրախճանքը շարունակեն եւ թո՛ղ իրենց ծառայած Դիակ-Նազարբէկը, իր էգին ազգապիղծ բազուկներուն մէջ, անգամ մըն ալ սարսռայ իրեն պատճառով ու իրեն համար թափուած այս արիւնին կարմիր յաճախանքէն... Մխօին վրայ չի կրցանք զսպել մեր արցունքները։ - Չիթճեանի դիակին առջեւ ա՛լ մեր սիրտն ու աչքերը կը մերժեն ընդունիլ արցունքին մխիթարար տկարութիւնը։ Կսկիծն ու դառնութիւնը ո՛րքան ալ դժնդակ ըլլան մեր ներսիդին` պիտի չի փնտռեն սակայն արտայայտուելու ո՛րեւէ առիթ կամ եղանակ։ - Ա՛լ կ’ուզենք մինակ ըլլալ մեր ցաւին հետ, ա՛լ պէտք չունինք որ մեր սուգը բաժնեն ուրիշներ։ Որքան ալ պիտի չդադրինք ժողովուրդին համար հանրային խղճմտանք մը ստեղծելու մեր պարտականութեան մէջ` պատրանքներ չե՛նք պահեր սակայն մեր այս ճիգերուն անմիջական արդիւնաւորութեանը վրայ։ - Գիտե՛նք, ու առաւել քան երբէք համոզուած ենք, թէ Հայ Ժողովուրդը դեռ անկարող է` հզօր ու ինքնաբեր թափով մը` ծառանալու իր փրկութեան Գործը վտանգող Չարիքին դէմ։ Գիտե՛նք որ Հայ Ժողովուրդը պիտի մարսէ Չիթճեանի դիակն ալ, ինչպէս մարսեց արդէն Շահէնինը։ - Գիտե՛նք որ Հայ Ժողովուրդը Գարեգին Չիթճեանի մը սպաննութեան չարաշուք իրողութեանն ալ պիտի վարժուի, ընտելանայ քիչ օրէն... Մե՛նք մեր ճամբէն պիտի երթանք, առանց աջ ու ձախ հաւանութեան խրախոյսներ փնտռելու, մեր յեղափոխական անյեղլի սկզբունքներէն միայն առաջնորդուելով եւ անոնց հրամայած միջոցներով միայն պիտի հետապնդինք Չարիքին բարձմանը։ Ասիկա կը պարտինք մեր կոչումին ու մեր տուած անգին զոհերուն յիշատակին։ Մխօներու եւ Չիթճեաններու նուիրական արիւնը պէ՛տք է մաքրագործէ Հայ Յեղափոխութիւնը` զայն պղծող ու մահացնել սպառնացող բոլոր գարշանքներէն։ Եւ անակնկալ չի՛ կայ մեզի համար` ճամբուն մէջ` ուրկէ վճռած ենք քալել, անողոք ու անյողդողդ քայլերով։ Անակնկալ մը չէ՛ր մեր անփոխարինելի ընկերոջ` Գարեգին Չիթճեանի սպաննութիւնը։ - Չիթճեան գիտակցաբար ու անվեհերօրէն գնաց` Դիակեան Ճիւաղներուն սրած ու մութին մէջ պատրաստած դանակներուն առջեւ։ Անիկա գիտէր որ զինքը պիտի սպաննէին։ Անիկա վայր-
106
կեան առ վայրկեան կը սպասէր որ զինքը սպաննէին։ Բայց անիկա գնա՛ց, քալեց պարտականութեան ճամբէն, սկոյիկեան մեծ հոգի՛ի մը սխրալի պայծառութեամբը եւ յեղափոխական ներշնչուած առաքեալի մը պաշտելի անձնուրացութեամբը... «Ես կը հաւատամ որ դրօշակը` որուն տակ մենք կ’իյնանք` միշտ զինքը բարձրացնող ձեռքեր պիտի ունենայ»... Ահա՛ Չիթճեանին Կտակը, ահա՛ թէ ի՞նչ կը գրէր ան իր վերջին նամակին մէջ... Հնչակեան ընկերներու սրտին խորը փորուած են այլեւս Չիթճեանի այդ ստեղծագործ խօսքերը։ - Ետեւէդ կը հասնի՛նք, սիրելի Գարեգին, արիւնիդ մէջ մգած դրօշդ անտէր չի մնար...։
Ձայն հայրենեաց, [Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, 17 Յունիս 1903, Դ. տարի, թիւ 196, էջ 1
ԴԻԱԿԵԱՆ ԳՐԳԻՌԸ
Չիթճեանի սպաննութիւնը պիտի կրկնել չի տայ մեզի ինչ որ արդէն ըսինք` Մխօի սպաննութեան առթիւ` Դիակեան եղբայրասպան ծրագիրներուն եւ խուժդուժ հոգեբանութեան մասին... Օ՜, թո՛ղ վստահ ըլլան բարի՜ հոգիները, անգամ մըն ալ չի պիտի ձանձրացնենք զիրենք միեւնոյն ահաւոր ճշմարտութիւններով եւ ստիպողական սրտցաւ ազդարարութիւններով։ Մխօի սպաննութեան շուրջ ծանրանալով` զգետնուած Հերոսին արժանի դամբանականներ յօրինելու խնամքէն չէ՛ր որ կ’առաջնորդուէինք, այլ Դիակեան եղեռնական ծրագիրները երեւան բերելու եւ` հանրային դաւադրութիւնն ու խղճմտանքը ազդարարելով` Դիակեան գալիք ոճիրները սանձելու անձկագին մտահոգութենէն։ Այսօր, սեւ իրողութիւնը կուգայ վայրագօրէն հաստատել թէ չենք սխալեր մեր չարաշուք կասկածներուն մէջ, այլ սխալեր ենք միայն` Դիակեան մթին ծրագիրները պարզելով` Եղբայրասպան Եղեռնն ընկրկելու մեր ակնկալութեամբը։ Դիակեան Ճիւաղները` ամբողջ յեղափոխական կազմակերպութիւն մը գրգռելու յանդգնութեամբ եւ ամբողջ ազգի մը զգացումները վիրաւորելու արհամարհանքով` կը յամառին` «Հնչակեանութիւնը գլխատելու» իրենց խելագար ու արիւնախանձ առաջադրութիւններուն մէջ։ Նազարբէկ-Դիակին ծառաներն ու մեղսակիցները իրարու վրայ խմեցին արդէն մեր երկու է՛ն թանկագին ընկերներուն արիւնը, - Մխօ, Գարեգին Չիթճեան... Սեւ Շարքը պիտի շարունակուի, անշուշտ, քանի որ արիւնոտ իրականութիւնը պէտք եղածէն աւելի ապացուցուց, թէ Սաքունի-Արզումանեանց Լոնտոն որջացած Ճիւաղներուն եղբայրասպանութեան մոլեգին հրաւէրները
107
անպատասխանի եւ անարձագանք չեն մնար Դիակեան հետեւորդ շարքերուն մէջ։ Այդ եղեռնահրաւէր շրջաբերականներէն մէկը, որով Շահէնն ու Չիթճեանը «հալածել» կը հրահանգէին, մեր ձեռքն հասած էր վերջերս, բայց մենք աւելորդ սեպեցինք` զայն հրատարակելով` նոր ապացոյց մը բերել Դիակեան Եղեռնին, որ վերջապէս ապացուցուած, խոստովանուած իսկ էր արդէն։ - Իրաւունք մաս մը հրատարակած է այդ շրջաբերականէն, կարգ մը պարզ ու անվիճելի բացատրութիւններով զորս քիչ մը անդին կ’արտատպենք։ Այսօր, ա՛լ պէտք չունինք ո՛եւէ ապացոյց, ո՛եւէ փաստ աւելցնելու ահռելի եղելութեան վրայ որ ինքնին կը պոռայ ու կը մատնանշէ Հայութեան արգանդէն վիժած այն ոճրաթաթախ Ճիւաղները, որոնք հայ ձեռքեր զինեցին` հայ ազգին է՛ն հարազատ զաւակներուն դէմ ու անոնցմէ երկուքին` Մխօին ու Չիթճեանին արիւնովը իրենց անունները յաւիտենապէս արձանագրեցին Մարդկային Ոճիրին սեւ տարեգրութիւններուն մէջ։ Բայց եթէ դեռ պէտք կայ քստմնելի մանրամասնութիւններու` ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ երկարաշունչ կանխապատրաստութիւններով ծրագրուած էր եղբայրասպան Եղեռնը, եթէ դեռ կը գտնուին մարդիկ, որոնք` մտքի տարապայման խաթարումով մը` պիտի տակաւին փորձուէին վարանիլ ու պէտք տեսնել ա՛լ աւելի ստուգութեան` այդպիսիներուն անյագ հետաքրքրութեան իբր ճարակ կը դնենք հետեւեալ տողերը, զորս Գարեգին Չիթճեան կը գրէր մեզի Օտէսայէն դեռ հազիւ ամիս մը առաջ. «Դաւադիրները ստելու, զրպարտելու, կիրքեր, մոլեռանդութիւններ, խեւութիւններ բորբոքելու համար, իրենց բոլոր շարքերովը, տենդային գործունէութեան մէջ են։ Պուլկարիայէն բռնէ մինչեւ Պարսկաստան Կենտրոնական Վարչութեան (!) եւ իրենց մասնաճիւղերուն կողմանէ հանուած բազմաթիւ շրջաբերականներով լեցուցած են։ Ամէն կողմ կատաղած գազաններու պէս, դաւադիրներու յիմար խնկարկուները մեզ սպաննելու համար առիթ կը փնտռեն։ «Պր. Խ...եանը հոս պիտի սպաննէին։ Պուրկազէն դաւադիրներու յիմարներէն քանի մը հոգի Պր. Խ...եանի հետ նոյն նաւով հոս կուգան։ Երբ նաւահանգիստ կ’ելլեն` կը հանդիպին տեղւոյս վարչ. անդամներէն մէկին եւ անոր կ’ըսեն, Պր. Խ...եանը ցոյց տալով` - «Այս մարդը լրտես է, մատնիչ է, դանակ մը չի կա՞յ քովդ` երթանք ատոր ետեւէն, տանինք տեղ մը, սպաննենք» - ։ Մարդը չի համաձայնիր, սակայն, ըսելով` - «Ո՞վ կ’ըսէ, ի՞նչ բանով հաստատուած է թէ մատնիչ է այդ մարդը. կարելի է սխալ լուր է» - ... «Սագունիներու գրաշար գործիչը հոս էր...»։ Այս տողերը նորէն ուշադրութեամբ կարդալէ վերջ, երբ յիշենք New York Worldի հեռագիրը, որ կը հաստատէր Չիթճեանի սպաննիչներուն թրքական անցագրով հայեր ըլլալը, երբ մանաւանդ յիշենք, թէ Սագունիներու գրաշար-
108
գործիչը այն գետնաքարշ ճիւաղն էր որ Պուլկարիոյ մէջ իսկ այնքան ոգորեցաւ Չիթճեանը սպաննել տալու, - երբ այս բոլորը մտաբերենք` Օտէսայի հրէշային եղեռնագործութիւնը ամբողջապէս կը պարզուի մեր աչքին։ Վստահաբար կրնանք ենթադրել հիմակուց թէ Պուրկազէն` Խ...եանի հետ միեւնոյն նաւով` Օտէսա գացող դիւահարներն են, որ գրաշար-գործիչին ղեկավարութեամբը Չիթճեանի սպանութիւնը Կովկասի մէջ սադրուած ըլլալէ հեռի` պարզապէս Սագունի-Արզումանեանցի եւ գրաշար-գործիչին միջեւ ծրագրուած ու կարգադրուած էր Լօնտոնէն` Պուլկարիա։ Գործադրութիւնը միայն Օտէսայի մէջ ի գլուխ կ’ելլէ։ Եւ ահա՛, թէ ինչ կը գրէր Գարեգին Չիթճեան Շահէնի սպաննութեան մասին, միեւնոյն նամակով. «Շահէնը սպաննուած է, ամենավատ դաւադրութիւնով։ Պաթումէն Փօթի կանչուեր է հոն ժողովի մը մէջ խօսելու։ Ժողովը կ’աւարտի։ Ժողովէն ետքը քանի մը հոգի կը կենան դեռ սենեակին մէջ, ու յանկարծ` յարձակելով Շահէնի վրայ` դանակի հարուածներով գետին կը ձգեն։ Յայտնի է որ Շահէնը բնաւ կասկածած չէ թէ իրեն չարութիւն ընելու դիտաւորութիւն կար. բնաւ երեւոյթ մը եղած չէ Շահէնին կասկած տալու, եթէ ոչ` Շահէնին քով զէնք կար (ու զէնքը կառավարութեան քով է հիմա), Շահէնը` առանց զէնք քաշելու, ատանկ գառնուկի պէս չէր իյնար։ Այն բազմաթիւ կռիւներու Հերոսը, մանաւանդ Չօք-Մարզուանի կռիւներուն Հերոսը, որ այդ բոլոր կռիւներէն յաղթական եւ ապահով դուրս եկած էր` անշնչացած ինկաւ` առանց ձեռք վերցնել կարենալու` որովհետեւ դաւադիրները կապած էին անոր ձեռքերը բարեկամութեան, ընկերական կեղծաւոր կապանքներով... Եւ երջանի՜կ է Վայր-Միլին համալը Կենտրոնում!!!...»։ Դիակեան Ճիւաղները իրենց մթին ծրագիրներն ու ատենէ մը ի վեր այլ եւս հրապարակային ու տպագրուած` սպառնալիքները կը գործադրեն, անլուր ու անհաւատալի յանդգնութեամբ մը։ - Սաքունի-Արզումանեանց-Կիւրեղեան... երէկուան այս տխեղծ անասունները իրենց անունը անմահացուցին արդէն` զայն յաւիտենապէս դրոշմելով Հայ Յեղափոխութեան մէջ կատարուած երկու մեծագոյն ոճիրներուն վրայ... Այսպէս, ափ մը անկերպարան ու անորակելի մարդակերպներ կը համարձակին նետել ամենէն արիւնոտ Գրգիռը` յեղափոխական ամբողջ հսկայ կազմակերպութեան մը երեսին։ - Ի՞նչ պիտի ըլլայ հետեւանքը այս խելագար անխոհեմութեան, այս հրէշային ժպրհումներուն... Ի՛նչ որ ալ ըլլայ սակայն հետեւանքը, եւ ո՛րքան ալ ծանրաբեռն ըլլայ ան ահաւոր ճակատագրականութիւններով` մենք պիտի գիտնանք Յեղափոխական Գործը փրկել` անոր սպառնացող ամէն կարգի վտանգներէն, եւ Դիակեան Ճիւաղները պիտի չի յաջողին մեզ շեղել մեր ճամբէն ու մեզ մղել ու ստիպել եղբայրասպան մոլեգնութիւններու։ - «Եղբայրասպանութիւն» բառը արդէն ինքնին
109
կը կորսնցնէ հոս իր իմաստը։ - Մենք չենք կրնար` նոյնիսկ մահուան մէջ` «եղբայրութեան» ո՛ եւ է կապ ունենալ` Հայութենէն ու Մարդկութենէն դուրս ու Հայութիւնն ու Մարդկութիւնը պղծող այդ Ճիւաղներուն հետ...։
Ձայն հայրենեաց, [Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, 20 Յունիս 1903, Դ. տարի, թիւ 197, էջ 1
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ Ս. Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 1887-1962
ԱՐՍԷՆ ԿԻՏՈՒՐ
Չիթճեան կը ճամբորդէ երկրէ երկիր մասնաճիւղերը գրգռելու համար Կեդրոնին դէմ։ Պուլկարիոյ մէջ կը հանդիպի իրեն գաղափարակից Խուշպուլեանին եւ անկէ կը հասկնայ թէ միեւնոյն առաքելութեամբ Կովկաս մեկնած է Մխօ Շահէնը, հոն իրենց գաղափարակիցներ որսալու համար։ Չիթճեան եւ Խուշպուլեան հարցը կը փոխեն ռուսահայ-թրքահայի եւ կը ջանան ամէն կերպով վարկաբեկել ռուսահայ հատուածը։ Պուլկարիոյ սրտցաւ հնչակեանները ի զուր կը ջանան համոզել երկու Վերակազմեալները` վերջ տալու սնամէջ վէճերուն եւ լծուիլ միասնական շինիչ աշխատանքի։ Չիթճեան կ’որոշէ անցնիլ Կովկաս եւ իրենց հատուածին շուրջը համախմբել այդ տեղի շարքերը։ [...] Տակաւին Մխօ Շահէնի սպանութեան պատճառած յուզումը չմեղմացած` հեռագիրները կը գուժեն մահը` այս անգամ Գարեգին Չիթճեանի սպանութեամբ, որ տեղի ունեցած էր Օտեսայի մէջ, Յունիս 28-ին։ Չիթճեան Ամերիկայի շրջանի Վերակազմեալներու օրգան Ձայն հայրենեացի խմբագիրն էր. անուանի ամբոխավար, բեմասաց, կուսակցական գործիչ։ Հասկնալի է թէ, անոնք [իմա` Վերակազմեալ Հնչակեանները, Հ.Ա] որքան բարձր աղմուկ պիտի բարձրացնէին` հրահրելով վրէժխնդրութեան մոխրակոյտը։
Արսէն Կիտուր, Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 1887-1962, Ա. հատոր, Պէյրութ, Հրատարակութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուս. Պատմագրութեան Կեդր. Յանձնախումբի, 1962, էջ 285-286
------
56. ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՊԱՀ-ԳԻՒԼԵԱՆ (մահափորձ) 7 Յուլիս 1903, Պոսթոն Հանգամանք` Հնչակեան գործիչ
110
Սպաննողներ` Սամուէլ Կիւլէզեան եւ Լեւոն Պետիկեան Կազմակերպող` Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւն
ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՈՃԻՐԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ
Երեքշաբթի առաւօտ, յուլիս 7, ժամը 11-ի ատենները Տըտլի եւ Տանա փողոցներու անկիւնը` երկու ոճրագործ, գաղտագողի յարձակեցան Պր. Սապահ-Գիւլեանի վրայ որ տպարանէն փօսթ օֆիս կերթար։ Չորս գնդակ պարպուեցաւ վրան` որոնցմէ մին միայն խորապէս մխուած է կռնակին մէջ։ Ոճրագործներէն մին ձերբակալուած է, իսկ միւսը թեթեւ կառքով մը, որ իրենց համար կանխաւ պատրաստուած է եղեր, խոյս տուած է։ Ձերբակալուածը Սամուէլ Կիւլէզեան կը կոչուի, Նիւպրիփորթէն, բնիկ Արապկերցի է։ Ինքը չի ճանչնար եղեր Պր. Սապահ-Գիւլեանը, իւր մեղսակիցը ծանօթ է եւ այն իրեն մատնանիշած է։ Պր. Սապահ-Գիւլեան անմիջապէս կը փոխադրուի քաղաքի հիւանդանոցը, ուր տեղ կը խնամուի։ Բժիշկները խիստ վտանգաւոր չեն գտներ իւր վէրքը` թէեւ գնդակը մէջն է։ Առայժմ այս փոքրիկ տեղեկութիւնները կարձանագրենք այստեղ, ցուցնելու համար թէ 8-9 ամիս իվեր ներքնապէս ծրագրուած այս դաւը ինչպէս կատարուեցաւ վերջապէս, ինչոր վերջերս հրապարակապէս ալ կփառաբանուէր։ Ոճրագործը կը խոստովանի որ ինքը բնաւ չի ճանչնար Պր. Սապահ-Գիւլեանը, սակայն «Ճշմարտութեան» հաւատացած էր, այնպէս համոզած էին։ Հա՞րկ է ըսել, որ այդ ոճիրը` Նազըմի հաւատարիմ գործակալներու մտքի մէջ երկար ատենէ իվեր որոճուած փսխունքն էր, որ դուրս պոռթկաց։ * * * Հայ ժողովուրդը համոզելու այլ եւս հարկ չենք տեսներ, եթէ տակաւին չէ համոզուած այս բոլոր իրողութեանց հանդէպ, որոնք երեւան դրուեցան եւ պիտի դրուին տակաւին։ Չիթճեանի, Մխօի սպանութիւնը Հնչակեան Կուսակցութեան վերագրելով` որոնք անվիճելիօրէն իրենց ինտրիկներուն զոհ եղան, «Վրէժ, վրէժ» աղաղակելով` ուզեցին ժողովրդին կրքերու քուրան արծարծել, եւ եղբայրասպանութեան դիմելով Հնչակեան անդամներու արիւնովը արբենալ երազեցին եւ երբ ժողովուրդը չի կրցին այս անգամ իրենց խաղերուն գործիք ընել, այն ատեն ըսին «Մենք մեր ճամբէն պիտի երթանք առանց աջ ու ձախ հաւանութեան խրախոյսներ փնտռելու» «Մեր միջոցներով միայն մենք պիտի հետապնդինք Չարիքին բարձմանը»։ Կըսենք այն բոլոր աչք փորող իրողութիւնները, ատոնք օրէօր երեւան կը դրուին` Վերակազմ. Հերձուած ըսուած Մաֆիական խմբակին միսն ու ոսկորը եղած` այն բոլոր դաւադրութիւնները, ոճրագործութիւնները եւ զեղծումները,
111
պէտք էին հայ ժողովուրդը վերջնականապէս համոզելու թէ ասոնք, թուրքէն ալ վատթար թուրքեր են, թէ` հայ յեղափոխական կեանքի մէջ իրենց 6-7 տարուայ գոյութեամբ, ժանտախտը, պատուհասը դարձան հայ ժողովրդի գլխին, թէ օձեր եղան եւ փաթթուած մնացին Ամերիկայի նորաբոյս երիտասարդութեան վզին։ Կտորներու վրայ չպիտի կանգնինք ու պոռանք թէ ժողովուրդը «վրէժ» լուծէ. ընկերները չպիտի ստիպենք եղբայրասպան ոճիրին մէջ թաթխուիլ։ Ոչ ալ գործուած ոճիրները ուրիշներուն վրայ հագցնելով հետքեր կորսնցնելու ճարտարութիւնը պիտի ընդգրկենք։ Պէտք չունինք եւ կարիք ալ չենք զգար ժողովրդի սրտի լարերը թրթռացնել, շոյել ու փայփայել, համբուրել եւ յետոյ խածնել։ Պէտք չունինք լալու, ողբալու, «ոռնալու» եւ ոչ ալ հայ յեղափոխութեան, հայ լրագրութեան պատիւը պղծող հայհոյութիւններով ողողելու։ Մենք պիտի խօսինք դարձեալ անողոք իրողութիւններով, դարձեալ երկաթէ փաստերով, մինչեւ որ հայ յեղափոխութիւնը վերջնականապէս իւր մարմնի վրայ փակած այդ փտութեան պասիլներէն ազատի։ Կսպանեն որովհետեւ իրենց ամբողջ 7-8 տարուայ ահաւոր զեղծումներու ոճիրներու կափարիչը կը բանայինք ամենայն հաւատարմութեամբ։ Կսպասեն, որովհետեւ մեծաքանակ աւազակութեան տենչով բանուած` Միութեան դիմակին տակ հազարաւոր տոլարները իրենց կոկորդը անցուցած, կուզէին հայ մարտիրոսութեան սեղանին վրայ իրենց խրախճանքները կատարել, սակայն բռնեցինք իրենց օձիքէն։ Կսպանեն, որովհետեւ ճամբան խորտուբորտ էր իրենց ոտքերը կարիւնոտէր քարերէն ու զիրենք գլորելու կսպառնար։ Կսպաննեն, որովհետեւ ալեւս յեղափոխական կեանքի մէջ իրենց ոճիրներու մերկացումով իրենց մաֆիականութեան վրայ գերեզմանաքարը կը դրուէր։ Մենք պիտի դնենք հետզհետէ այս բոլոր շրջաբերականները եւ նամակները, որոնք պիտի ցուցնեն թէ ոչ թէ միայն Մխօն եւ Չիթճեան տակաւին Ամերիկա էին, այլ եւ միութեան խանդավառութեան ատեններն իսկ, դեռ միութիւնը չեղած ծրագրուած է եղեր իրենց մէջ։ 9-10 ամիսներ առաջ, պր. Սապահ-Գիւլեան դեռ Ամերիկա չհասած` անոր անուան շուրջ ի՛նչ հրէշային վարկաբեկումներ չարեցին, ինչ աղտոտ ցեխեր նետեցին անոր ճակտին։ Ընկերներու սրտերը գրգռելով մէյմէկ վառօթի ընդունարաններ շինեցին, ուժանակի տուփեր եւ ահա առիթը եկաւ կայծը տրուեցաւ։ Ոճիրը յղանալէ եւ անծանօթ տղին ափին մէջ ատրճանակ մը դնելէ յետոյ անամօթ երեսներով ամերիկեան թերթերու գրասենեակները վազեցին, վազվզեցին ամէն տեսակ վարնոց սուտերով եւ անխիղճ խեղաթիւրումներով իրենց ոճիրը արդարացնել։ Երկար պիտի ըլլար հիմա այդ բոլորը ներկայացնել որոնք Ամերիկայի ու Անգլիայի հայութեան ծանօթ են։ Ոչ թէ միայն ոճիրին յղացողները բազմաթիւ եղած են, այլեւ գործադրողներ ալ մեծ թիւ մը կը կազմեն, որոնք անգիտակից գործիքը եւ մոլեգին արտայայտիչը եղան իրենց վարիչներուն դիւային
112
խորհուրդներուն։ Մենք մեր պարտականութեան ճամբէն պիտի քալենք, հոգ չէ թէ ժողովուրդը չի կարենայ սթափիլ այս զարհուրելի իրողութիւններէն։ Մենք մեր պարտքի եւ իրաւունքի մրմունջը մեր շրթներուն` պիտի քալենք առաջ, անվհատ եւ անվկանդ քայլերով, թող գիտնան որ գնդակը չկրնանր բողոքները լռեցնել, ոչ ալ դաշոյնը ծածկել զեղծումները։
Երիտասարդ Հայաստան, [Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանի Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 11 Յուլիս 1903, առաջին տարի, թիւ 10, էջ 73-74
ՄԱՐԴԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԸ
Յուլիս 24-ին` ուրբաթ օրը Րաքսպըրիի դատարանին մէջ տեսնուեցաւ Պր. Սապահ-Գիւլեանի վրայ փորձուած` ծրագրուած ոճրագործութեան դատը։ Դատավարութիւնը գրեթէ աւելի քան չորս ժամ տեւեց ուրտեղ կառավարութեան հայթայթած բոլոր փաստերը երեւան դրուելով` հաստատուեցաւ որ Սամուէլ Կիւլէզեան արդէն յանցաւոր է, իսկ Լեւոն Պետիկեան ալ անոր մեղսակիցը, որը ցոյց տուած էր իր ընկերոջը Պր. Սապահ-Գիւլեանը (Պետրոս Կիւրեղեան) սպաննելու համար։ Ամերիկացի վկաները որոնք այդ սպաննութեան փորձին ականատես եղած էին, պարզ եւ բացայայտ կերպով հաստատեցին որ սպաննութեան օրը առաւօտէն իվեր Ս. Կիւլէզեան եւ Լեւոն Պետիկեան Տըտլի փողոցին անկիւնը կսպասեն եղեր մէկի մը սպասելու պէս։ Պետիկեանը չի ճանչցուելու համար ծպտուած ալ եղեր է սակայն իզուր, հաւասարապէս ճանչցուած է բոլորէն ալ։ Պր. ՍապահԳիւլեանը խօսելով յայտնեց որ մինչեւ սպաննութեան փորձի օրը, Սամուէլ Կիւլէզեանը չէր ճանչնար, իսկ Լեւոն Պետիկեանին կը ճանչնար։ Լ. Պետիկեանը որ Հերձուածի Պոստոնի Մասնաճիւղի կարեւոր անդամներէն է, խիստ ատելութիւն մը կը սնուցանէր դէպի Պր. Սապահ-Գիւլեանը Հնչ. Պառակտումներէն իվեր։ Ոստիկանը նամակ մ’ալ երեւան դրաւ որ, պառակտումէն առաջ Լ. Պետիկեանի գրուած է եղեր, որուն մէջ կըսէ եղեր թէ ջանանք Պր. Սապահ-Գիւլեանը Ամերիկայէն հեռացնել։ Իսկ Սամուէլ Կիւլէզեան, իրենց Նիւպրիփորթի ընկերներէն էր։ Երեք հայեր ալ վկայութեան բերուեցան ի պաշտպանութիւն Լեւոն Պետիկեանի թէ նոյն օրը 11-էն մինչեւ 12-ը Պետիկեանը ուրիշ տեղ եղած է, սակայն չի կրցին երեւան դրուած փաստերը տկարացնել։ Ոճրագործները պաշտպանող փաստաբանը` բնաւ հարկ չի տեսաւ պաշտպանել Կիւլէզեանը` յանցաւոր ըլլալը ընդունելով. ամէն ճիգ փորձեց Պետիկեանը արդարացնել։ Դատաւորը` արդարացման զօրաւոր փաստեր չի տեսնելը յայտնեց, եւ փաստաբանը յետոյ խնդրեց
113
դատաւորէն որ գէթ 7000 տօլարի երաշխաւորութիւնը նուազեցնէ, սակայն այդ մասին ալ սուր մերժում ստացաւ։ Դատաւորը երկար ունկնդրութենէ յետոյ, այս դատը ղրկեց Սըֆօք Կրէնտ Ճիւրիի Օգոստոսի նիստին։ Յուլիս 28-ին, ոճրագործները բանտէն հանուեցան 14 հազար տօլարի երաշխաւորութեամբ, եւ այդ հայթայթելու համար ամէն քաղաք ականատես եղաւ հերձուածի ջոջերուն անքուն աշխատանքներուն. շատ տեղեր չի տեսնուելու համար գիշերները հանգանակած են դրամները։ Մենք չի պիտի պարզենք այստեղ այդ ծրագրուած ոճիրին բոլոր հիւսուածքները, որոնք կը ցուցնեն բացայայտ կերպով արդէն հերձուածի կողմէն կազմակերպուիլը։ Եթէ այդ անծանօթ տղեկները դրդող, գրգռողները` վարդագոյն եւ խաբուսիկ յոյսեր տալով մղեցին իրենց ձեռքը այդ ոճիրին մէջ թաթխել, չի գտնուեցա՞ւ արդեօք մտերիմ, կսկծող սիրտ մ’ալ որ ըսէր իրենց թէ «Ձեզ դրդողները, ի՞նչ բանով ձեզմէ պակաս են այդ ոճիրը կատարելու, եթէ իրենց նպատակը իրենց կեանքը ապահովել եւ ձեզ վտանգել չէր։» Աղջիկներ ալ մարդիկ սպաննած են երբ ատրճանակը ձեռքերնին եղած է։
Երիտասարդ Հայաստան, [Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանի Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 1 Օգոստոս 1903, առաջին տարի, թիւ 13, էջ 103104
------
57. ՌԷՍ ՍՀԱԿ (սպանութիւն) 23 Յուլիս 1903, Կարմունջ գիւղ Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Սալնոյ-Ձորի Կեդրոնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՍԱԼ. ԿԵԴՐ. ԿՕՄԻՏԷ
Սալնոյ-Ձորի Կեդր. Կօմիտէի վճռով` յուլիս 23-ին տէռօրի է ենթարկւած Կարմունջ գիւղի ռէս Սհակ, իր կատարած մատնութիւնների պատճառով։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունուար 1904, XIV տարի, թիւ 1 (142), էջ 15
114
------
58. ԱՒԱԳ (սպանութիւն) 25 Սեպտեմբեր 1903, Սասուն Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Խ...-ի Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Խ...-Ի ԿՕՄԻՏԷ
Խ...ի տեղական մարմնի վճռով եւ Սասունի պատասխանատու մարմնի համաձայնութեամբ` սեպտեմբեր 25-ին տէռօրի ենթարկւեցաւ նախկին յեղափոխական Աւագը, որ կոտորածներէն յետոյ կազմակերպական զէնքեր յանձնած էր քիւրդ աղային ու ինքն ալ անոր մօտ ծառայութեան մտած էր։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունուար 1904, XIV տարի, թիւ 1 (142), էջ 15
------
59. ԱՒԵՏԻՍ ՆԱԶԱՐԲԷԿԵԱՆ (մահափորձ) 19 Հոկտեմբեր 1903, Զուիցերիա Հանգամանք` Հնչակեան առաջնորդ Կազմակերպող` Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւն
ԱՒԵՏԻՍ ՆԱԶԱՐԱԲԷԿԸ ԶԱՐԿՈՒԱԾ
Լօնդօնից ստացուեց հետեւեալ հեռագիրը «Նազարբէկը զարկուած է անվտանգ»։ Մանրամասնութիւնները յետոյ։
Երիտասարդ Հայաստան, [Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանի Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 24 Հոկտեմբեր 1903, առաջին տարի, թիւ 24, էջ 200
ՆԱԶԸՄԱԿԱՆՆԵՐԻ ՆՈՐ ՈՃԻՐՆԵՐԸ
Նազըմա-Ալֆարը դաւադիր խմբակի կողմից սպանութեան փորձ է կատար-
115
ւել Յուլիս 7-ին Կուս. Ամերիկայի ներկայացուցիչ պ. Ս. Գիւլեանի եւ Հոկտ. 19-ին Շւէյցարիայում Կուս. հիմնադիրներից պ. Ա. Նազարբէկի վրայ, իսկ Հոկտ. 26-ին նախկին Կենտ. Վարչ. անդամ պ. Սագունու եւ Նոյ. 4-ին Ռուսաստանի պատգամաւորներից պ.պ. Համրի եւ Որսորդի, որոնց վերջին երեքը իրենց ծաղիկ հասակում զոհ գնացին դաւաճանների գնդակին։ Մանրամասնութիւնները յաջորդով։
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 1903, տասնեւվեցերորդ տարի, թիւ 7-8, էջ 1։
------
60. ՍԱԳՈՒՆԻ (ՍԱՂԱԹԷԼ ԳԷՈՐԳԵԱՆ) (սպանութիւն) 26 Հոկտեմբեր 1903, Լոնտոն Հանգամանք` Հնչակեան գործիչ Կազմակերպող` Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւն
ՀԵՐՈՍԻ ՄԱՀԸ
Հերոս էր անուանւում նա, որ իր կեանքի կէտ նպատակն էր դարձնում Հայրենիքը մաքրել Արտաքին Թշնամիներից – եւ դու մի հերոս էիր, պաշտելի ՍԱԳՈՒՆԻ, զի ամբողջ կեանքդ անողոք կռիւի անընդհատ շարք եղաւ թշուառ Հայրենիքդ ազատելու Թրքական լծից։ Դու ընկար ծաղիկ հասակիդ մէջ` պատւոյ դաշտում։ Ո՞վ եղաւ, Սիրելիս, որ արդիւնաշատ կեանքիդ թելը կտրեց։ - Թրքական ստրկացուցիչ կեանքի արտայայտութիւն Հերձուածի արարածները։ Մահուանդ սրբազան լռութեան մէջ, համակուած դառն կսկիծով, ընկերներդ վրէժի կոչ չէ որ պիտի արձակեն դէպի այդ Սողունները. – ո՛չ, դա դէմ կը լինէր քո փայփայած, քո հետեւած նուիրական գաղափարներիդ։ Քանի շունչ ունինք, այսուհետեւ մենք ե՛ւս աւելի մեծ թափով պիտի շարունակենք օրհասական, անխնայ կռիւը Թուրքի դէմ` մինչեւ որ խորտակենք նրա շղթան, ազատենք Հայրենիքը իր ստրկացնող վիճակից եւ այդպիսով միայն մաքրենք այդ երկրի Սուրբ հողը, որպէսզի այլ եւս անընդունակ լինի արտադրելու այնպիսի ճիւաղներ, որոնք այսօր Թուրքի հետ միացած կրծում են մեր ազգային կեանքը։ Այս է, ահա, ուխտը Սրբազան Շիրմիդ առաջ։ Այս էլ կլինի մեր վրէժը։
Երիտասարդ Հայաստան, [Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի շրջանի խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 31 Հոկտեմբեր 1903, առաջին տարի, թիւ 26, էջ 201
116
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԻ ՇՈՒՐՋԸ
Ոճիրները – կատարւած երեք երիտասարդ հայ յեղափոխական անձերի վրայ եւ այն էլ հայի ձեռքով – բնականաբար չէին կարող ընդհանրապէս եւրոպական եւ մասնաւորապէս Անգլիական մամուլի եւ հասարակութիւնների առանձին ուշադրութեան չարժանանալ։ Բացի ամերիկական, ֆրանսիական, գերմանական, աւստրիական եւ այլ երկիրների բազմաթիւ թերթերից` անգլիական ամբողջ մամուլը, մանաւանդ Լօնդօնի հարիւրաւոր ամեն տեսակի, ամեն կուսակցութեան եւ ուղղութեան լրագիրները – մեծ թէ փոքր, շաբաթաթերթ թէ ամսագիր, օրաթերթ թէ extra-թերթ – պատահած դէպքերը, նրանց հետ առնչութիւն ունեցող պարագաները եւ նրանց ծնող պայմանները ամենայն մանրամասնութեամբ օրը օրին եւ ժամը ժամի վրայ հրատարակեցին, հրատարակեցին նաեւ Հնչակեան Նահատակների մի քանի տեսակ պատկերները, ինչպէս եւ նկարները այն Անգլիացի մարդասէր անձնաւորութիւնների, որոնք նահատակութիւնների վայրերում այս կամ այն տեսակ ծառայութիւններ մատուցին մեր թանկագին ընկերներին` նրանց կեանքի վերջին վայրկեաններում, հրապարակ դրեցին նաեւ դաւաճանութեան զոհերի կեանքի աչքի ընկնող գովելի եւ համակրելի յեղափոխական գծերը, նրանց նիստ ու կացի, զբաղումների, անհատական սովորութիւնների, մանրամասնութիւնը, նոյն իսկ նրանց բնակարանների, հանգուցեալ Սագունու ունեցած զանազան իրերի, մինչեւ իսկ մահճակալի եւ պարապմունքի սեղանի նկարները եւլն։ Անգլիական հասարակութեան վերին աստիճանի բուռն համակրութիւնը եւ հետաքրքրութիւնն աւելի եւ աւելի մանրամասնութիւններ էր պահանջում, նա չէր յագենում Hentchakiste Society-ի մասին լսածներով, գրածներով, այնպէս որ օրաթերթերից անգամ գտնւեցան այնպիսիները, որոնք Կուսակցութեանս պարբերական հրատարակութիւնների – Հնչակի, Երիտասարդ Հայաստանի, Վերածնութեան եւ Ապտակի «Փոթորիկը Պայթեցաւ...» խորհրդաւոր դէւիզ-նկարի իսկական պատկերները քիչ փոքրացրած դիրքով եւ նոյն հայ տառերով արտանկարեցին։ Սագունի՛, Արամ Գրիգորեան, Տիգրան Իզմիրեան, Հնչակեան Կուսակցութի՛ւն – ահա՛ անուններ, որոնք թէ բազմաթիւ հեռագրերով, թէ հարիւրաւոր լրագրերով տարածում էին մի քանի շաբաթ շարունակ ինչպէս Մեծն Բրիտանիայից դուրս, նոյնպէս էլ անգլիական ամենայետին գիւղն անգամ... Ո՛ւր եւ լսւում էին այդ անունները, ո՛ւր եւ կարդացւում էին «Հայկական Դրամայի» մասին` խորին ցաւակցութիւն եւ համակրանք էր արտայայտւում ամեն դասակարգի, ամեն սեռի եւ ամեն հասակի կողմից դէպի Հնչակեան Նահատակները, նրանց պատկանած կուսակցութիւնը, նրանց փայփայած գործը, նրանց դաւանած գաղափարը եւ դէպի այն տառապող ժողովուրդը, որի զինւորներն էին երեք զոհերը, իսկ ընդհակառակը – անզուսպ զայրոյթ, նողկանք եւ անէծք թափւում
117
«Ալֆարիստ» անւան վրայ, մի բա՛ռ, որ մանաւանդ Լօնդօնի միլիօնաւոր բնակիչները զզւանքով էին բերան առնում` տեսնելով նրա մէջ մի ինչ որ հրէշային գաղափար, մանաւանդ որ հեռագրական եւ լրագրական նորանոր տեղեկութիւնները եւ լուրերը հետզհետէ թարմ փաստեր էին բերում Ամերիկայից – Ալֆարիզմի բունից, յաճախ իսկ նրա ուշքի եկած «զինւորների» եւ ընկեր-անդամների կողմից լոյս աշխարհ բերւած եւ խօստօվանւած։ Ինչքան էլ բուռն ցանկութիւն ունենանք դնելու հայ հասարակութեան առաջ այն ամենը, ինչ որ հեռագրւեցաւ, տպագրւեցաւ եւ խօսւեցաւ Եւրօպայում ընդհանրապէս եւ Անգլիայում մասնաւորապէս, այսուամենայնիւ անել այդ անկարող ենք, որովհետեւ թէ՛ Հնչակի ծաւալը եւ երկար ժամանակի պէտքը եւ թէ ներկայ հայկական ընդհանուր տագնապը թոյլ չեն տալիս մեզ այդպէս վարւել։ Ուստի մենք ակամայ բաւականանում ենք յանձնարարել հետաքրքիրների խորին ուշադրութեան Երիտասարդ Հայաստանի եւ Վերածնութեան մէջ այս մասին եղածները, որոնք ոչ միայն լուսաւոր ամբողջ աշխարհի, այլ եւ միմիայն Լօնդօնի թերթերի մէջ հրատարակւածների մի հարիւրերրորդական մասը կազմելուց շատ հեռու են, եւ տալիս ենք չափազանց համառօտ նկարագիրը իդէալիստ Սագունիի, Համրի եւ Որսորդի նահատակութեան, յուղարկաւորութեան եւ յարակից դէպքերի մասին։ Հոկտ. 26-ին, Պատգամ. Ժողովի նիստի փակումից յետոյ, երեկոյեան ժամը 9ին, Սագունին հիւանդութեան պատճառով տուն է շտապում հասնել։ Հէնց այն ժամանակ, երբ նա բարձրանում է փողոցի աստիճանների վրայ եւ աշխատում է բանալիով բաց անել դուռը` ձախ ձեռքում պահած ունենալով բաց անձրեւանոցը` մթութեան մէջ դարանի մտած ոճրագործը երկու անգամ իրար վրայ արձակում է ամերիկական րէվօլւէրը, որի գնդակները սակայն մահառիթ չեն լինում։ Մէջքից եւ թեւից վիրաւորւած` հէնց որ Սագունին շուռ է գալիս եւ ձեռքը ատրճանակին տանում` արձակւում են չարագործի երկու նոր գնդակները, որոնց մէկը դիպչում է նրա աջ թեւին, իսկ միւսը – կրծքին, որը եւ մահառիթ վէրք է բաց անում։ Ոճրագործը փախչում է` դէպքի տեղից քիչ հեռու ձգելով ատրճանակը եւ ամերիկական գլխարկը։ Անձրեւը, մթութիւնը եւ Նանհէդ Գրօվ փողոցի մարդկանցից դատարկ լինելը նպաստում է նրա անյայտանալուն իր երկու – քիչ հեռու պահւած – ընկերների օգնութեամբ, որոնք նրա թեւերի տակն են մտնում եւ վազեցնում։ Իսկ Սագունին, շնորհիւ իր ամուր կազմւածքի եւ սրտի, միայն այն ժամանակ է ընկնում իւր տանտիրուհի տիկին Վինսլօի փեսայ պ. Սմիթի թեւերի վրայ, երբ ներսի կողմից տան դուռը բաց են անում։ Կայծակի արագութեամբ դէպքի լուրը տարածւում է ամբողջ Լօնդօնում, հաւաքւում է ահագին բազմութիւն յիշեալ փողոցում, վրայ են հասնում ընկեր պատգամաւորները, եւ սովորական հարցաքննութիւնները կատարելուց ու Սագունիի վէրքերը քննել, կապելուց յետոյ տեղափոխում են նրան քաղաքային
118
հիւանդանոցը ուր կէս գիշերին վախճանւում է թանկագին ընկերը։ Դէպքի միայն հետեւեալ օրն է դադարում պատգամաւորական ժողովի նիստը ի նշան սուգի, այնուհետեւ շարունակւում է մինչեւ յուղարկաւորութիւնը։ Իսկ այդ ժամանակամիջոցում եւ դրանից էլ յետոյ չէր կարելի մի երկու քայլ փոխել առանց «Սագունի» բառը լսելու։ Սագունի՛ - ահա՛ այս անունն էր, որի շուրջը դառնում էին ամեն տեղ եւ ամեն շրջանի ու դասակարգի խօսակցութիւնները, եւ ամեն մի առարկայ, որ կապ ունէր այդ եւ Հնչակեան Կուսակցութեան անւան հետ, հետաքրքիր էր Անգլիացիների համար, այնպէս որ նրանք չէին բաւականանում լրագրերի մէջ եղածներով, նրանք աչքով էլ ուզում էին տեսնել Սագունիի ապրած տունը, նրա պատկանած Կուսակցութեան բնակարանը, նրան կերակրող անգլիացի ընտանիքը եւայլն եւայլն, այդ նպատակով էլ մինչեւ յուղարկաւորութեան օրը խումբ-խումբ դիմում էին Նանհէդ Գրօվ եւ Կուսակցութեանս կետրոնը, ժամերով կանգնում, դիտում, հետաքրքրւում, հարցեր եւ պատասխաններ տալիս միմեանց եւ ապա ցրւում։ Եւ այսպէս անդադար։ Շաբաթներ շարունակ հանգստութիւն չունեցաւ խեղճ Վինսլօ ընտանիքը – նրա տունը ուխտատեղի դարձաւ հետաքրքիրների համար։
Հնչակ, Կենտրօնական Օրգան Հնչակեան Կուսակցութեան, Դեկտեմբեր 1903, տասնեւվեցերորդ տարի, թիւ 9-10, էջ 62-63
------
61. ՌԷՍ ԳՐԻԳՈՐ (սպանութիւն) 28 Հոկտեմբեր 1903, Մուշ Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Սասունի Պատ. Կեդրոնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՍՀԱԿԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԿՕՄԻՏԷ
Սասունի Պատ. Կեդր. Կօմիտէի վճռով` հոկտեմբեր 28-ին տէռօրի ենթարկըւեցաւ Մշոյ դաշտի Հարւան գիւղի ռէս Գրիգոր, որ յայտնի էր տարիներէ ի վեր իր կատարած մատնութիւններով եւ թիւրք կառավարութեանը մատուցած ծառայութիւններով։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունուար 1904, XIV տարի, թիւ 1 (142), էջ 15
------
119
62. ՀԱՄՐ (ԱՐԱՄ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ) ԵՒ ՈՐՍՈՐԴ (ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԵԱՆ) (սպանութիւն) 4 Նոյեմբեր 1903, Լոնտոն Հանգամանք` Հնչակեան գործիչներ Կազմակերպող` Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւն
ԵՐԿՈՒ ԿԵԱՆՔ ԷԼ
Դեռ հազիւ մեր անզուգական ընկեր Սագունիի դագաղը սառը հողին էր յանձնուած, դեռ հազիւ ցամաքել էին թափուած արտասուքները. – երբ հերձուածի Սողունները նորից իրենց ոճրագործ ձեռքը բարձրացուցին եւ երկու ծաղիկ կեանքեր էլ խորտակեցին։ Նահատակուեցան մեր համակրելի ընկերներ Համրը եւ Որսորդը, որոնք իբրեւ համեստ գործիչներ` աշխատում էին օգտակար լինել իրենց Հայրենիքին եւ Ժողովրդին։ Համրը դեռ նոր էր երիտասարդական հասակը թեւակոխել, դեռ նոր էր դպրոցական նստարանը թողել, իդէալիստի յատուկ վառվռունութեամբ` նա մտել էր ժողովրդի ամէն խաւերի մէջ, քարոզել, կազմել, կազմակերպել էր եւ տառապանքի երկրի համար կռուող բազուկներ պատրաստել։ Համրը մինն էր այն սակաւաթիւ երիտասարդներից, որոնք կեանքի դառնութիւնները, նրա բերած հակասութիւնները դեռ չը շօշափած` ամէն ինչ վարդ համարելով, մոռանալով իրենց սեպհական անձը, անզուսպ հոգւով անձնատուր են լինում հանրական, ժողովրդական գործին, ժողովրդական ազատագրութեան։ Համրը ընտրել էր այն ուղին, ոգեւորուել, առաջնորդուել էր այն գաղափարներով, որով ընթացել էին Զաքարեանները։ Ձեռք բերել լաւ կրթութիւն, ունենալ ընկերային ապահով դիրք, բայց եւ մոռանալ ծնողներ, սիրելիներ եւ այն ամէն ինչոր մարդուս այս վաղանցուկ աշխարհի հետ կապում է ու սրտի ամէն թափով կռուել Թուրքի դէմ – դա շատ քիչերին է վիճակուել, այդպիսի բնաւորութիւններ յաճախադէպ չեն մեր տխուր կեանքի մէջ։ Եւ նորափթիթ երիտասարդը իր պարտականութեան այս բարձրութեան վրայ կանգնած` յանկարծ գնդակահարուի – մի անծանօթից, մի մարդից, որ իր իսկ ցաւը նրան ստիպել էր ասպարէզ մտնել եւ պարտականութեան զինուոր դառնալ։ Արդա՜ր արիւն, որ թափւում ես անգիտակից եղբօր ձեռքով։ Հերձուածը արդեօք խիղճ չունեցա՞ւ, երբ իր ոճրագործների ձեռքը զէնք տուեց, այս անմեղ կեանքը փշրելու։ Թուրքն իսկ այդքան բարբարոս եւ անզգամ կերպով չի վարուել հայ յեղափոխականների հետ։ Համոզուած ենք որ հերձուածի վարիչները աւելի քան դաւաճաններ են բայց
120
ի՞նչու Թուրքից էլ աւելի Թուրք լինել։ Ո՞ր ազգի մէջ տեսնուած, լսուած էր այսպիսի ոճրագործութիւն։ Եղա՞ծ է յեղափոխուած մի ժողովուրդ, որի մէջ դաւաճանները այդքան յանդուգն կերպով փորձած լինէին վերջ դնելու անկեղծ յեղափոխականների կեանքերնին։ Մի՞թէ հայրենասէրը մեղաւոր է դաւաճանի առաջ, մի՞թէ արդարը, անկեղծը դատապարտուած է՛ շահագործողի, խաբեբայի դիմաց։ Ո՞րը տեղ պիտի ունենար հայ կեանքի մէջ, արդա՞րը, անմե՞ղը, անկե՞ղծը, ճշմարիտ հայրենասէ՞րը, թէ՞ հայրենի սրբութիւնը վաճառողը, գողը, դաւաճանը, անօրէնը։ Որսորդը մի անուշ Հայաստանցի էր, տարիներից իվեր Մշոյ դաշտի մէջ` հայրենիքի թշնամիների կեանքը որսացած։ Նա հրացանը ձեռքին լեռ, ձոր ընկաւ, ջանաց օտար իժերից երկիրը մաքրել։ Երկա՜ր տարիներ Սասունի, Ալաշկերտի, Բիւրակնի լեռները, հովիտները իր բնավայրերն եղան եւ նա չյոգնեց իր գնդակը, իր սուրը թուրքի, քուրդի դէմ գործածելուց։ Աւելի քան տասը տարի այդ կրակոտ երիտասարդը զէնքը ձեռքից վար չդրեց, հալածուեց, թողեց «Մշոյ անուշ» ջրերը եւ Կովկաս անցաւ, որպէսզի նոր ընկերներ, նոր բազուկներ հետը առնելով` Պարտականութեան Դաշտը երթայ եւ Գործը շարունակի։ Եւ ահա հերձուածը մահացնում է այդ կեանքը, մի կեանք` որ իր ամէն ձեւերի արտայայտութեամբ վնասաբեր էր թուրքին, քուրդին, իսկ օգտակար, արդիւնաշատ Հայաստանին, հայ ժողովրդին։ Ի՛նչ էին արել այս ծաղիկ հասակները, կա՞յ այստեղ մարդկային մի զգացմունք, ինչքան էլ հրէշային որ լինի, որ չդատապարտի հերձուածի կատարած այդ անօրէնութիւնը։
Երիտասարդ Հայաստան, [Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանի Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 14 Նոյեմբեր 1903, առաջին տարի, թիւ 28, էջ 219
------
63. ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ (սպանութիւն) 14 Նոյեմբեր 1903, Խնուս Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Տարօնի Կենտրոնական Կօմիտէ
ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ
Տարօնի Կենտ. Կօմիտէի որոշումով` անցեալ նոյեմբերի 14-ին Խնուսի մէջ տէռօրի է ենթարկւած խնուսցի Տիգրան Գեւորգեան, իբրեւ դաւաճան։ Նա յայտնի էր յեղափոխական շրջաններում «Ազրայէլ» կեղծ անւան տակ։
121
1896 թւին երդւել էր ծառայել հայ յեղափոխական դատին, բայց շուտով դաւաճանեց իր խօսքին։ Հրապուրւելով մեր դահիճների ոսկիներով, նա դարձաւ լրտես, մտաւ ոստիկանութեան ծառայութեան մէջ եւ ուղղութիւն ու փաստեր էր տալիս կառավարութեանը իր նախկին ընկեր Արամ Արամեանի գործի քննութեան միջոցին, որը եւ հասցրեց վերջինիս կախաղան... Դաւաճանութեամբ ստորագրած լինելով իր մահւան դատավճիռը, Ազրայէլ փոխում էր միշտ իր պաշտօնավարութեան կէտերը, յուսալով, թերեւս, որ ժամանակը մոռացութեան կըտայ իր սեւ գործերը։ Բարեբախտաբար դեռ եւս չէ մարած հայի պատւասիրութեան զգացմունքը, դեռ շողում է հայ տէռօրիստի վրէժխնդիր սուրը։ Դաւաճանը ստացաւ իր արժանի պատիժը, - վաղաժամ կորած ընկերների ոսկորները կարող են հանգչել գերեզմանի մէջ...
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Դեկտեմբեր 1903, XIII տարի, թիւ 10 (141), էջ 167
------
64. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ (սպանութիւն) 1903, Գալաֆաթ (Ռումանիա) Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պօլսոյ Կեդրօնական Կօմիտէ
ՄԱՀՒԱՆ ՊԱՏԻԺ
Պօլսոյ Կեդրօնական կօմիտէի վճռագրով` Պուրկասի 28 սնտուկ զէնքի գործին մէջ գլխաւոր յանցաւոր ճանչցւած եւ դատապարտւած Կարապետ Մարտիրոսեանը տեռօրի ենթարկւեցաւ րումանական Գալաֆաթ քաղաքին մէջ։ Տէռօրիստը ազատ է։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Օգոստոս 1903, XII տարի, թիւ 7 (138), էջ 112
------
65. ԿԻՐԱԿՈՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ (սպանութիւն) 16 Մարտ 1904, Փարագետ գիւղ (Շիրակ) Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Երեք տէռօրիստներ
122
Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԷՌՕՐ ԿՈՎԿԱՍՈՒՄ
Մարտի 16-ին երեք տէռօրիստներ գնդակահար արին Շիրակի Փարագետ գիւղի բնակիչ եւ յայտնի լրտես Կիրակոս Պետրոսեանին։ Տէռօրիստները ազատ են։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մարտ 1904, XIV տարի, թիւ 3 (144), էջ 47
------
66. Մ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆՑ (սպանութիւն) 26 Սեպտեմբեր 1904, Հիւսիսային Կովկաս Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Նաւահանգստի Կենտրոնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐ
Հ. Յ. Դ. ՆԱՒԱՀԱՆԳՍՏԻ ԿԵՆՏՐ. ԿՕՄԻՏԷ
Նաւահանգստի եւ Ոսկանապատի Կենտրօնական կօմիտէների վճռով` սեպտեմբերի 26-ի գիշերը, ժամը 8½-ին ատրճանակի երկու հարւածներով, տէռօրի ենթարկւեց յայտնի խաչագող նուխեցի Մ. Աբրահամեանցը, որ գարնան սկզբներում երեւացել էր Թիֆլիսում եւ Բագւում վարդապետական տարազով իբրեւ Պարսկաստանի Նախավկայի վանահայր Տիրֆօն վարդապետ եւ այդ վանքի անունով հանգանակութիւններ արել։ Կեղծիքը յայտնւելուց յետոյ` նա փախչում է հիւսիսային Կովկաս եւ իր խաչագողութեան նոր ասպարէզ է ընտրում յեղափոխութիւնը եւ իբրեւ «շրջիկ գործակալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան», սպառնական նամակներով փողեր է հաւաքում զանազան քաղաքներում, ծածկւելով «Սմբատ Բագրատունի», «Եղէշէ», «Միխակ Տէր-Վարդանեան» եւ այլ կեղծ անունների տակ։ Տէռօրիստները ազատ են։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Նոյեմբեր 1904, XIV տարի, թիւ 11 (152), էջ 176
------
123
67. ՊՕՂՈՍ ԵՒ ՎԱՀԱՆ ԴԱԿՕԵԱՆ (սպանութիւն) 1904, Մուշ Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Սասունի Կեդրոնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՏԱՐՕՆՈՅ ԿԵԴՐ. ԿՕՄԻՏԷ
Մշոյ դաշտի մէջ, Սասունի Պատաս. Կեդր. Կօմիտէի վճռով` տէռօրի ենթարկւած են` Զիարէթ գիւղացի Պօղոսը (մատնիչ Կարապետ վարդապետի սպասաւորը եւ գործակիցը) եւ Ցրօնք գիւղացի Դակօեան Վահան անուն վատը։ Տէռօրիստները ազատ են, սարսափը մեծ է։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Փետրուար 1904, XIV տարի, թիւ 2 (143), էջ 30
------
68. ԱՐԳՕ (սպանութիւն) 1904, Ախլաթ Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Սալնոյ-Ձորի Կեդրոնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ախլաթի մէջ, Սալնոյ-Ձորի Կեդր. Կօմիտէի վճռով` տէռօրի ենթարկւեցաւ Խախսեւ գիւղացի Արգօն, որ մեղսակից եղած էր Սերոբ-Աղբիւրի զինւորներէն, բաղէշցի Մուշեղի սպանութեանը։ Տէռօրիստները ազատ են։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Փետրուար 1904, XIV տարի, թիւ 2 (143), էջ 30-31
------
124
69. ԻՐԻՑՈՒ ՅԱԿՈԲ (սպանութիւն) 1904, Խնուս Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան տէռօրիստներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Խնուսի մէջ` Քաղքիկ գիւղացի Իրիցու Յակոբը արժանացաւ իրեն վայել մահւան, յեղափոխական տէռօրիստների ձեռքով, որոնք նոյնպէս ազատ են։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Փետրուար 1904, XIV տարի, թիւ 2 (143), էջ 31
------
70. ԿԻՐԱԿՈՍ, ԿՕՍՏ ԵՒ ՎԵՐՋԻՆԻՆ ԸՆԿԵՐԸ (սպանութիւն) 1904, Ջրաբերդ Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ջրաբերդի Կենտրօնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐ ԿՈՎԿԱՍՈՒՄ
ՋՐԱԲԵՐԴԻ ԿԵՆՏ. ԿՕՄԻՏԷ
Կենտրօնական Կօմիտէիս վճռով տէռօրի ենթարկւեց շորագեալցի Կիրակոս անունով մատնիչը։ Տէռօրիստները ազատ են։ Տէռօրի է ենթարկւած նաեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան նախկին զինւոր Կօստին` իր ընկերոջ հետ, ենիչերիութեան եւ յեղափոխական անունը շահագործելու պատճառով։ Յայտարարւում է այդ փաստը, թէեւ քիչ ուշ, ի գիտութիւն եւ ի զգուշութիւն միւս հայդուկների։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Ապրիլ-Մայիս 1904, XIV տարի, թիւ 4-5 (145-146), էջ 71
------
125
71. ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԿԱԽԵԱՆ (սպանութիւն) 1904, Վասպուրական Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վասպուրականի Կեդրոնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐ
ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԿԵԴՐ. ԿՕՄԻՏԷ
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վասպուրականի Կեդրոնական Կօմիտէի վճռով` տէռօրի ենթարկւեց Հիւսնիի լրտեսներէն` Խաչատուր Կախեանը, որը Վասպուրականի Հ. Յ. Դաշնակցութեան զինւորական ատենի առաջ խոստովանած էր իր յանցանքը։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Նոյեմբեր 1904, XIV տարի, թիւ 11 (152), էջ 176
------
72. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ (սպանութիւն) 1904, Պուրկազ Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պալքանեան Շրջանի Պատգամաւորական Ժողով
ՊԱՏՃԷՆ ՊԱԼՔԱՆԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿ. ԺՈՂՈՎԻ 21-ՐԴ ՆԻՍՏԻ ՈՐՈՇՄԱՆ
Հ. Յ. Դ. ՊԱԼՔԱՆԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Պատգամաւորական ժողովը` Նկատելով որ Պուրկազի մէջ գողցւած 28 սնտուկի խնդրոյն մէջ, առանց ոեւէ մեղսակցութեան, քանի մը ընկերներ յանիրաւի ամբաստանւած են, որոշեց իր անունով Դաշնակցութեան պաշտօնական օրգանին մէջ հրատարակել հետեւեալը.
126
«Յայտարարութիւն Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պալքանեան շրջանի պատգամաւորական ժողովին. «Պուրկազի մէջ կատարուած 28 սնտուկի գողութեան խնդիրը` Դաշնակցութեան կարեւոր մարմիններու միջոցաւ մանրազննին կերպով քննւած ըլլալով` պարզւած է թէ այդ գործին մէջ մեղաւոր հանդիսացած են Կարապետ Մարտիրոսեան (զէնքերը ծախող), Մաքսուտ Պալիկեան (աջակցող ժամագործը) եւ Ա. Ա. (Մարտիրոսեանին դիւրութիւն տւող` Ռումանիա փախչելու համար)։ «Այդ մեղաւորներուն պատիժը որոշելն ու գործադրելը յանձնւած էր Պօլսոյ պատասխանատու մարմնին, որ հետեւեալ վճիռը տւաւ. – ա) Մահւան պատժի ենթարկել Կարապետ Մարտիրոսեանը, ինչ որ արդէն գործադրւեցաւ. բ) Տուգանքի ենթարկել Ա. Ա., որմէ գանձւած է 1,000 ֆրանք. Գ) Իսկ Մաքսուտ Պազիկեան Եգիպտոսի մէջ բնական մահւամբ մեռած ըլլալով` անոր վերաբերեալ որոշումը չի գործադրւած։ «Զէնքերու եւ փամփուշտներու մէկ մասը երեք տարի առաջ ետ առնւած են։ «Կը յայտարարենք որ մեր ընկերներէն եւ համակրողներէն Վարդօ եւ ուրիշներ ո՛եւէ մասնակցութիւն չեն ունեցած այդ աղտոտ գործին մէջ»։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս 1904, XIV տարի, թիւ 6 (147), էջ 88
------
73. ԱՐՇԱԿ (սպանութիւն) ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏ (մահափորձ) 1904, Շուշի Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԷՌՕՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Շուշի – Սպանւած են` ոստիկանապետ Սախարօվ, հարկային վերատեսուչ Շչերբակօվ, մէկ ժանտարմ, մի լէզդի ոստիկան եւ մի հայ մատնիչ, Արշակ անունով։ Վիրաւորւած` ոստիկան Հայրապետ եւ լրտես Իսրայէլ։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Փետրուար 1905, XV տարի, թիւ 2 (155), էջ 31
------
127
74. ՄԻՒՔՕ, ՓՕԼԻՍ ՄԽԻԹԱՐ ԵՒ ՓՕԼԻՍ ՄՈՒՐԱԴ ԷՖԷՆՏԻ (սպանութիւն) 1904, Վասպուրական Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վասպուրականի Կենտրօնական Կօմիտէ
ՏԷՌՕՐ
ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԿԵՆՏՐ. ԿՕՄԻՏԷ
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վասպուրականի Կենտրօնական Կօմիտէի վճռով տէռօրի ենթարկւեցին` 1) Լեղկ գիւղի ռէս Միւքօ, իր յանդուգն եւ հանրածանօթ մատնութեան համար։ 2) Փօլիս Մխիթար, իր գազանային եւ դաւաճան գործերի համար։ 3) Փօլիս Մուրադ էֆէնտի, մատնիչ-լրտես Սերոբ-Աղբիւրի ժամանակ եւ ներկայումս էլ գաղտնի գործակալ Հայոց-Ձորում։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունուար 1905, XV տարի, թիւ 1 (154), էջ 16
------
75. ՏԷՐ-ՍԱՀԱԿՈՎ (սպանութիւն) 3 Դեկտեմբեր 1904, Թիֆլիս Սպաննող` Դաշնակցական տէռօրիստ Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դ. Կովկ. Պատասխ. Կեդրոնական Կօմիտէ
ԵՐԿՈՒ ՏԷՌՕՐ
Հ. Յ. Դ. ԿՈՎԿ. ՊԱՏԱՍԽ. ԿԵԴՐ. ԿՕՄԻՏԷ
1904 թւի դեկտեմբերի 3-ին, երեկոյեան ժամը 9-ին, Թիֆլիսի փողոցներից մէկում երկու գնդակի մահացու հարւածով ընկաւ ոստիկանական ծառայող (ակալօգոչնի նադզիրատել) Տէր-Սահակովը։ Նրան ճանաչող քաղաքի ամբողջ հասարակութիւնը` հայ թէ վրացի, ռուս թէ թիւրք, հրճւանքով լսեց այդ լուրը, եւ
128
խաղաղ բնակիչներից շատ շատերը սկսեցին քիչ ազատ շունչ քաշել եւ ահա թէ ինչո՛ւ։ Այդ անտանելի սրիկան իր պաշտօնավարութեան առաջին օրերից իսկ` հանդիսացաւ որպէս մի մարմնացեալ ոստիկան-հրէշ։ Թիֆլիսում եւ առհասարակ Կովկասում տիրող ոստիկանական հարստահարութիւնների եւ գռփումների ամենափայլուն ներկայացուցիչն էր դա։ Նրա լրբութեան եւ յանդգնութեան չափ ու սահման չկար։ Բացի ան անվերջ ու անսահման կաշառներից, որ նա առնում էր ամէն մի քայլափոխում, բացի այն ապօրինի «փէշքէշներն» ու տուրքերը, որ նա դրել էր իր բաժնի բնակիչների վրայ, եւ որ ստիպւած էին վճարել ամէն տօնի, ամէն դէպքի առիթով, Տէր-Սահակովը առանձին եռանդ էլ էր ցոյց տալիս իր ծառայութեան «քաղաքական» բաժնում։ Նրա օրով սովորական էր դարձել արդէն` ցերեկները փողոցներում անցորդներին կագնեցնելն ու խուզարկելը։ Վա՜յ նրան, հասարակ ժողովրդից, ով ընկնէր նրա ձեռքը. նրան ոստիկանատանը այնքան կը ծեծէին, մինչեւ որ կիսամեռ վայր ընկնէր, ուշագնաց։ Եւ այդպիսի դէպքեր մէկ չէր, տասը չէր։ Իշխանաւորին դուր գալու համար` նա կանգ չէր առնում եւ ոչ մի լիրբ միջոցի առաջ։ Մինչեւ անգամ բռնում էր անմեղ մարդկանց, նրանց շլնքին փաթաթում մի ոեւէ քաղաքական յանցանք եւ ներկայացնում իշխանաւորին եւ կեղծ վկաներով հաստատելով իր անամօթ զրպարտութիւնը` փտեցնում էր խեղճերին Մետեխի բանտի մռայլ եւ խոնաւ խուցերում։ Տէր-Սահակովը իր այդ լրբութիւններով իհարկէ միակը չէ մեր զզւելի ոստիկանների մէջ. այդպիսի զազրելի անձանց նմաններով լիքն է մեր ոստիկանութիւնը, որոնք ամէն մի քայլափոխում ոտնատակ են տալիս քաղաքացու մարդկային արժանապատւութիւնը։ Միապետական բռնակալութիւնը իր կամայական եւ կեղեքիչ սիստէմով հազարաւոր այդպիսիներ է ստեղծում օրաւուր, սակայն Տէր-Սահակովը իր ծառայութիւններով մի գարշելի տիպար էր այդ չարիքի։ Յուսահատ, անպաշտպան ժողովուրդը, կարծես ճարը կտրած` յեղափոխական գործիչներից է սպասում չարիքի վերացումն։ Կեղեքւող ժողովրդի մի մատը կարծես դէպի նա էր ուղղած եւ նա ընկաւ տէռօրիստի հարւածից։ Տէռօրիստը ազատ է։ Եւ քանի գոյութիւն կ’ունենան նոյնանման հարստահարիչները, ժողովուրդը միշտ կը ծնի վրիժառու զաւակներ, քանի որ կը թագաւորեն կամայականութիւնն ու անարդարութիւնը եւ ժողովրդի թշնամիները կը շարունակեն իրենց անսանձ արարքները։ Նեմեզիդայի սուրը չի դադարի իր հարւածները տալուց։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Ապրիլ 1905, XV տարի, թիւ 4 (157), էջ 63
------
129
76. ԱԲԻԿ ՈՒՆՃԵԱՆ (սպանութիւն) 14/27 Օգոստոս 1905, Կ. Պոլիս Հանգամանք` Մեծահարուստ Սպաննող` Վարդանեան Կազմակերպող` Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւն
ՆԱՄԱԿ Կ. ՊՈԼՍԷՆ
ԱՏՈՄ-ՀԱՅԿԱԶՆ Կ. Պոլիս, 31 Օգոստոս
Քանի մը օր առաջ, Պոլիս դէպք մը պատահեցաւ։ - Ղալաթիոյ կողմը, Խաւեար Խանի մէջ, անծանօթ երիտասարդ մը կը ցցուի Ունճեան Աբիկ էֆէնտիի դէմ եւ րէվօլվէրի չորս հարուածներով գետին կը տապալէ զայն։ Անծանօթը կը ձերբակալուի, ու հակառակ իր յայտարարութեան` թէ անձնական պատճառներով ըրած է սպաննութիւնը` կառավարութիւնը չուզեր հաւատալ։ Այս դէպքը մեծ յուզում յառաջ բերաւ եւ մանաւանդ սարսեց բոլոր հայ ջոջ հարուստները, որոնք իրենց յանցապարտ խղճմտանքը կը թուին մատնել, այս առթիւ։ - «Նորէ՛ն սկսան»... Ահա՛ այն հարցումը, զոր այս վերջինները սարսափած իրարու կ’ուղղեն։ Անոնք կարծես կը զգան ներքնապէս` թէ խուլ մնացին ազգային տառապանքին կոչերուն եւ անտարբեր` ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգներուն հանդէպ։ Բայց իրենց միեւնոյն ոճրագործ անտարբերութիւնը կը շարունակուի, երբ անդին` ներքին գաւառներուն մէջ, անզէն ժողովուրդը երեսի վրայ ձգուած է` կատաղի թուրքերուն առջեւ։ - Տիարպէքիրէն վերջ, Կեսարիոյ եւ Սըվազի ժողովուրդն է որ կը մորթուի` ըստ մահաշշուկ տարաձայնութիւններու։ Սապահ պաշտօնապէս կը հերքէ այս լուրերը, եւ մենք գիտենք թէ ի՞նչ ըսել է ատիկա, եւ ա՛լ աւելի կը վրդովուինք այդ հերքումէն, որ մեր չարաշուք կասկածները կը հաստատէ։ Ահա՛ Սապահի տողերը. «Եւրոպական թերթերու մէջ կարգ մը զրոյցներ տեսնուեցան թէ` իբրեւ թէ Կեսարիոյ եւ Սըվազի կողմերը վերջերս քանի մը ոճրագործական դէպքեր պատահած ըլլան։ Մինչդեռ թէ՛ Կեսարիոյ եւ թէ Սըվազի մէջ այդ տեսակ միջադէպ մը չէ պատահած եւ շնորհիւ Վեհ. Սուլթանին` նոյն կողմերն ալ կատարեալ ապահովութիւն եւ անդորրութիւն կը տիրէ։ Եւրոպական թերթերուն մէջ հրատարակուած զրոյցները արդիւնք են` վերջերս Իզմիրի մէջ ձեռք անցուած պայթուցիկ նիւթերու մասին եղած տեղեկութիւնները նոյն լրագիրներուն հաղորդուած պահուն գործուած չափազանցութեանց եւ վրադիրքներուն։ Գալով այդ հրանիւ-
130
թերուն, Իզմիրի մէջ անդորրութեան եւ մարդկութեան թշնամի կարգ մը վատ անձերու կողմէ տեղ տեղ պայթուցիկ եւ քանդող նիւթեր պահուած էին զորս ոստիկանութիւնը խուզարկելով ձեռք անցուցած է։ Իսկ խնդրոյն հետ կապ ունեցող անարգ անձերն ալ, շնորհիւ Վեհ. Սուլթանին, չկրնալով որեւէ ոճիր գործել, արդարութեան ձեռքը յանձնուած են եւ ատոնց մասին դատարանի կողմէ օրինական հետապնդումներ կը կատարուին։ Ժողովրդեան ամբողջ դասակարգերը միահաղոյն անէծք կը կարդան վերոյիշեալ անձերուն ոճրագործական դիտաւորութեան։ Այս է բուն իսկ ճշմարտութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդը ապահովութիւն եւ անդորրութիւն կը վայելէ»։ Հոս, Պոլսոյ մէջ, վաղի Եըլտըզի Գազանին տարեդարձի օրն է, եւ հայ տարրը ահուդողի մէջ է` թէ մի գուցէ խուժանը յարձակում գործէ։ Թէ՛ հոս եւ թէ՛ երկրին մէջ Քիւրտին եաթաղանը եւ Սօֆթային սօփան մեր գլխուն առկախ կը զգանք։ Գէթ անձնապաշտպանութեան միջոցներ ունենայի՜նք...։ Կ. Պոլիս, 6 Սեպտեմբեր
Ունճեանի սպաննիչը մահուան դատապարտուած է։ Վարդանեան դատավարութեան միջոցին, մինչեւ վերջը, պնդած է թէ սպաննութեան շարժառիթը անձնական է բոլորովին, թէ ասկէ 15 տարի առաջ, երբ Խարբերդէն Ամերիկա կ’երթար, Պոլսոյ ճամբով, Ունճեանի քով աշխատած էր ու անոր վրայ 50 ոսկի առնելիք մը ձգած էր։ Հիմակ` որ Ամերիկայէն Պոլիս եկած էր, նիւթապէս խիստ նեղը մնալով, կը դիմէ յիշեալին ու անկէ կը պահանջէ այդ առնելիքը։ Ունճեան ականջ չի կախեր, Վարդանեան ալ, ինչպէս ըսած է, յուսահատ վիճակի մէջ, կը բարկանայ ու րէվօլվէրի չորս հարուածներով գետին կը փռէ զայն։ Հինգերորդ հարուածը պարպելով հուժկու յոյնի մը վրայ, որ ան միջոցին միջամտել կ’ուզէր։ Վերջին հարցաքննութեան միջոցին, դատաւորը ուրիշ մեղսակիցներ գտնելու յոյսով, կը սկսի կրկին ու կրկին հարցնել Վարդանեանի թէ` ի՞նչպէս Պոլիս մտաւ, ո՞ր շոգնաւով, ո՞ւր բնակեցաւ մինչեւ այդ ատեն եւլն.։ Վարդանեան կը բարկանայ ու կը պոռայ. - «Է՜... երկան կ’ընէք կոր, հայտէ՛, ինչ պիտի ընէք նէ ըրէ՛ք, ե՛ս սպաննեցի իշդէ՛»։ Ասոր վրայ` մահուան կը դատապարտուի։ Վարդանեան սպաննութեան վայրէն բաւական հեռու ձերբակալուած է, գլուխի ֆէսը մէկդի նետելով, գրպանէն գլխարկ մը հանած գլուխը դրած է, ու այս կերպով անկասկած յառաջացած է դէպի իր թագստոցը։ Բայց, լուստրաճի տղայ մը, որ անշշուկ իրեն կը հետեւի եղեր, երբ ճամբան փոլիսի մը կը հանդիպի, յանկարծ` «Ահա՛ն է մարդասպանը» կը պոռայ։ Ասոր վրայ` Վարդանեան կը ձերբակալուի, ու թէեւ սկիզբը կ’ուրանայ, բայց շուտով ինքնութիւնը ստուգուելով կը
131
խոստովանի։ Այս դէպքէն շաբաթ մը առաջ, ուրիշ Ամերիկեան քաղաքացի հայ մըն ալ ձերբակալուած է, գիշերանց, շատ մը բարձրաստիճան ոստիկաններով ու պալատականներով, ոստիկանութեան նախարարն ալ մէջը ըլլալով։ Ասոր անունն ալ` Յովհաննէս Աֆարեան է եղեր ու թէեւ, մինչեւ հիմակ, մազի չափ յանցանք մը գտնուած չէ վրան, բայց տակաւին բանտարկուած է։ Ասոր պատճառը սա՛ է որ, երկու երիտասարդներուն վրայէն ալ միեւնոյն զէնքը եւ միեւնոյն ժամացոյցը ելեր է եղեր, որով ոստիկանութիւնը կ’աշխատի մեղսակցութիւն մը գտնել, բայց չէ յաջողած մինչեւ հիմակ։ Ամերիկեան հիւպատոսարանէն լուր կայ եղեր թէ` Աֆարեանը պիտի ազատի` քանի որ անմեղ է։ Իզմիրէն լուր կայ թէ` Պալիոզեանին սպաննիչը կախեր են։
Ձայն հայրենեաց, [Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, 27 Սեպտեմբեր 1905, Զ. տարի, թիւ 359, էջ 3
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ Ս. Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 1887-1962
ԱՐՍԷՆ ԿԻՏՈՒՐ
Վերակազմեալներու` Կիլիկեան ազատագրելու խոստումը եւ հեռանկարը կրցած էր ունեւոր դասակարգի համակրութիւնը իրենց վրայ հրաւիրել։ Այդ համակրութիւնը գաղափարականէն աւելի ունէր տնտեսական պատճառներ։ Հայ դրամատէրը, առեւտրականը կը յուսար Կիլիկիոյ անկախութեամբ նոր եւ լայն շուկաներ ստեղծել իր առեւտրական ցանցը ընդարձակելու համար։ Իր այդ ակնկալութիւններուն համար, նպաստաւոր կռուաններ էին Կիլիկիոյ աշխարհագրական դիրքը, որ ծովի միջոցով Եւրոպայի եւ հեռաւոր աշխարհամասերու հետ դիւրին հաղորդակցութիւն կը պահէր եւ յետոյ` զինուորական տեսակէտով, հայը պիտի կարողանար օտար երկիրներէ պահանջուած օգնութիւնը արագօրէն ստանալ։ Այս տրամադրութիւններէն օգտուելով` Վերակազմեալները կրցած էին բաւական մեծ գումարներ ձեռք բերել հայ հարուստներէն։ Բայց այս բարեկամական յարաբերութիւններու ամէնէն զեղուն շրջանին, յանկարծ հեռագիրներ կը հաղորդեն, թէ` Պոլսոյ մէջ տեռորի ենթարկուած է ծանօթ մեծահարուստ Աբիկ Ունճեան, Ամերիկայէն հոն գացած Վերակազմեալի մը կողմէ։ Այս սպանութիւնը հայ իրականութեան մէջ շատ մեծ աղմուկ կը հանէ, որ իր անդրադարձը կ’ունենայ նաեւ Կուսակցութեան ներսն ալ։ Հոն` ոմանք կ’արդարացնեն կատարուած սպանութիւնը, ըսելով թէ` «յանուն Սուրբ Գործին կա-
132
տարուած է»...։ Ուրիշներ կը դատապարտեն այդ քայլը, որովհետեւ դրամական խնդրոյ համար եղած էր...։ Կուսակցութեան ուրիշ տարակարծութիւններուն կը միանայ նաեւ այս սպանութեան պարագան, որով ծայր կու տայ պառակտումի եւ քայքայումի գործը։ Այս տարակարծութիւնները մասնաւոր սուր բնոյթ կ’առնեն Ամերիկայի մէջ, որ յիշեալ կուսակցութեան ողնասիւնը կը նկատուէր։
Արսէն Կիտուր, Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 1887-1962, Ա. հատոր, Պէյրութ, Հրատարակութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուս. Պատմագրութեան Կեդր. Յանձնախումբի, 1962, էջ 296
------
77. ԹԱԹՎԱՆՑԻ ԲՂԴՕ ԵՒ ՋՐՀՕՐՑԻ ԳՐԻԳՈՐ (սպանութիւն) Օգոստոս-Սեպտեմբեր 1905, Սալնաձոր Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Սալնաձորի Կ. Կօմիտէ
ՏԷՐՐՕՐ
Սալնաձորում (Տաճկահայաստան), Հ. Յ. Դաշնակցութեան տեղական Կ. Կօմիտէի որոշմամբ` տէրրօրի են ենթարկւած կախաղանի միջոցով երկու լրտեսմատնիչներ` թաթվանցի Բղդօ եւ ջրհօրցի Գրիգոր։ Սերոբի օրերից ի վեր այդ երկու վատերը, ձեռք ձեռքի տւած, Ալիբէկի վայրագութիւններին էին մատնում հայ երիտասարդներին եւ հարիւրաւոր գերդաստաններ էին դժբախտացնում։ Նրանք մեղսակից եղած են Յակոբ-Ճարտարի սպանման եւ ընկ. Սօզօյի ու Համբարձումի բանտարկութեան։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Սեպտեմբեր 1905, XV տարի, թիւ 9 (161), էջ 143
------
78. ՄԷԼԻՔ ՅԱԿՈԲ ՔԱՆՔԱՆԵԱՆ (սպանութիւն) 1906, Բզնունեաց գաւառ Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վասպուրականի Կենտրոնական Կօմիտէ
133
ՏԷՐՐՕՐ
Հ. Յ. Դ. ՎԱՍՊ. ԿԵՆՏ. ԿՕՄԻՏԷ
«Վասպուրականի Կ. Կօմիտէի որոշմամբ տէրօրի ենթարկւեցաւ Բզնունեաց գաւառի (Ալճավազ) Առէն գիւղացի Մէլիք Յակոբ Քանքանեան, իբրեւ լրտես Հիւսէյն փաշայի քով, իբրեւ մատնիչ մեր երեք ընկերներու, որոնք Հիւսէյին փաշայի հրամանով եւ քիւրդերու ձեռքով սպանւեցան չարաչար տանջանքներով։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս 1906, XVI տարի, թիւ 6 (172), էջ 95
------
79. ՅԱԿՈԲ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (սպանութիւն) 21 Մայիս 1906, Հին-Քաղաք (Սալմաստ, Պարսկաստան) Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Դաշնակցական տէրրօրիստներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ատրպատականի Կ. Կօմիտէ
ՏԷՐՐՕՐ
Հ. Յ. Դ. Մ.-ի մարմնի վճռով տէրրօրի ենթարկւեցաւ Հին-Քաղաքի (Սալմաստ, Պարսկաստան) մէջ նոյն այդ քաղաքի բնակիչներէն Սառայի լաճ Յակոբ Գրիգորեանը – յայտնի մատնիչ, ժողովրդի կեղեքիչ եւ նախկին փոխանորդ Խոյի տաճկաց հիւպատոսի։ Ժողովուրդը անխտիր` հայ, հրէայ, թուրք` օրհնում է կտրիճի ձեռքը, որ վերջ տւաւ դաւաճան կեանքին։ Տէրրօրիստները ազատ են։ 21 մայիս, 1906 Հ. Յ. Դ. Մ.-ի մարմին Հաստատեց` Հ. Յ. Դ. ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ Կ. ԿՕՄԻՏԷ
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յուլիս 1906, XVI տարի, թիւ 7 (173), էջ 112
------
80. ՍՄԲԱՏ ՍԵՒՈՍԵԱՆ (սպանութիւն)
134
4 Օգոստոս 1906, Սաւրա գիւղ (Սալմաստ գաւառ) Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Դաշնակցական տէրրօրիստ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ատրպատականի Կենտրոնական Կօմիտէ
ՏԷՐՐՕՐ
Հ. Յ. Դ. ԱՏՐ. Կ. ԿՕՄԻՏԷ
Փայաջուկցի յայտնի մատնիչ Սմբատ Սեւոսեանը, անցեալ ձմեռուայ անյաջող տէրրօրից յետ, հակառակ իր զղջման` նորից բռնւելով իր նախկին վատ ընթացքի մէջ, երկրորդ անգամ տէրրօրի ենթարկւեց Սաւրայում, օգոստոսի 4-ին։ Մահը վայրկենական էր, տէրրօրիստը ազատ է։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Սեպտեմբեր 1906, XVI տարի, թիւ 9 (175), էջ 144
------
81. ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ (սպանութիւն) 27 Մայիս 1907, Մուշ Հանգամանք` Դաշնակցական գործիչ Կազմակերպող եւ սպաննող` Ռուբէն Տէր Մինասեան
ԻՆՉՈ՞Ւ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԱՇՈՏ ԱԲԳԱՐԵԱՆ
Հիմա գանք Գէորգ Չաուշի սպանութեան առեղծուածին, որն աւելի շուտ Ռուբէնի անպատիժ մնալու եւ Բիւրոյի լռութեան առեղծուածն է։ Ռուբէնի վարկածով` արագ հրացանաձգութեան պատճառով [Սուլուխի մէջ, Հ.Ա.] Գէորգի հրացանի փակաղակը ամրանում է, նա մի ծնկի վրայ յենուած փորձում է կարգի բերել այն եւ հէնց այդ ժամանակ էլ ստանում է մահացու հարուածը։ Գնդակը, մտնելով ձախ կրծքավանդակից, դուրս է գալիս աջ թիկունքից։ Բայց Ռուբէնին մեղադրողները հակառակն են պնդում. նրանք ասում են, որ Գէորգի թիկունքի վէրքը եղել է հազիւ նկատելի, մինչդեռ կրծքավանդակի վէրքը
135
եղել է աւելի խոշոր։ Դա նշանակում է, որ գնդակը մտել է թիկունքից եւ դուրս եկել կրծքավանդակից` դուրս եկած տեղն աւելի մեծ վէրք առաջացնելով։ Եթէ անգամ Գէորգին խփել են թիկունքից` ինչո՞ւ նրան սպանող «դաւադիր ձեռքը» պէտք է լինէր հէնց Ռուբէնը։ Ռուբէնին մեղադրողների տրամաբանութիւնը բացատրում է զօրավար Սմբատը. «Գէորգ... բախտի չարագուշակ մէկ դիպուածով... կը տապալէր գետին` կրնակէն զարնուած։ Արդ ինչպէս հաստատուեցաւ յետոյ, այդ պահուն Գէորգին ճիշտ ետեւը եւ շատ մօտ կը գտնուէր միայն Ռուբէն, որուն թշնամական զգացումները Գէորգի հանդէպ ծանօթ էին բոլորին...»։ Ճիշտ է, Ռուբէնը միշտ էլ ցանկացել է ազատուել Գէորգից, բայց Գէորգին Երկրից հեռացնելը կուսակցութեան Բիւրոյի պահանջն էր, ինչին նա միշտ էլ ընդդիմացել է։ Սուլուխի կռիւը ցոյց տուեց, որ հազար անգամ իրաւացի էին Դաշնակցութեան բիւրոն եւ նրա կամքը ապարդիւն կատարել փորձող Ռուբէնը, որ ցանկանում էին օր առաջ Գէորգին Կովկաս ուղարկել։ Արդէն անկառավարելի դարձած Գէորգը միայն նորանոր ու անտեղի փորձանքների մէջ էր գցում իրեն, ընկերներին ու Տարօնի ժողովրդին։ Գէորգի Երկրում մնալը, միեւնոյն է, մի օր անպայման պիտի աւարտուէր «Սուլուխով»` գուցէ մէկ ուրիշ անգամ, գուցէ մէկ ուրիշ տեղում, բայց` անպայման։ Սուլուխի կռիւը եղաւ միայն Գէորգի մեղքով, այդ կռուից կարելի էր խուսափել, եթէ Գէորգը պակաս յամառ գտնուէր, եթէ նա Սուլուխում երեք օր մնալու փոխարէն ժամանակին հեռացած լինէր Դերիկ այնտեղից Կովկաս մեկնելու համար, ինչպէս պայմանաւորուել էին։ Ճիշտ է, Ռուբէնի ու Գէորգի յարաբերութիւնները լարուած էին այնքան, որքան կարող էր պէտք լինել մէկմէկու մահը ցանկանալու համար։ Բայց քիչ հաւանական է, որ հէնց միայն Գէորգի հանդէպ «թշնամական զգացումները» բաւական լինէին, որպէսզի «ռուսաստանցի վախկոտ մուկ» Ռուբէնն իր մէջ անհրաժեշտ քաջութեան պաշար գտնէր նրա վրայ ձեռք բարձրացնելու համար։ Ատելութեանն ու թշնամանքին պէտք է գումարուէր էլի մի ուրիշ բան, էլ աւելի զօրաւոր դրդապատճառ Ռուբէնին այդպիսի յանդուգն ոճրագործութեան ընդունակ դարձնելու համար։ Ինչո՞ւ դա չէր կարող լինել սեփական կեանքը փրկելու մղումը։ Ռուբէնը մահուան հետ խաղ անել սիրող Գէորգը չէր, Ռուբէնը իր կաշին գնահատել գիտէր, նա մի անգամ էլ դա կ’ապացուցի 1915-ին։ Իսկ չէ՞ որ քանի դեռ յամառ ու անզիջում Գէորգը կար ու շարունակում էր կռիւը, ոչ ոք առանց նրա հրամանի նահանջել չէր կարող, եւ միայն այն բանից յետոյ, երբ ծանր վիրաւոր Գէորգը շարքից դուրս էր եկել, առաջնորդ դարձած Ռուբէնը, այլեւս ոչնչով չկաշկանդուած, հեռանալու հրաման տուեց կռուողներին։ Իմիջիայլոց, Ռուբէնը փայլուն էլ իրականացրեց թէ իր, թէ միւս ֆիդայիների եւ իրենց հետ գիւղից փախչող մի քանի տասնեակ սուլուխցիների անկորուստ նահանջը։ Բայց մենք տեսանք, որ Սուլուխից փախչելուց առաջ Ռուբէնը չմոռա-
136
ցաւ ծանր վիրաւոր Գէորգին էլ դուրս բերել Քիւչուկի տնից ու տանել իրենց հետ։ Թւում է, թէ Ռուբէնը պէտք է Գէորգին թողնէր Քիւչուկի տանը, եթէ ընդունենք, որ ինքն էր նրան հասցրել մահացու հարուածը։ Բայց դա այնքան էլ հեշտ չէր, որովհետեւ Ռուբէնը չէր կարող առոյգ իմանալ, որ հարուածը իսկապէս մահացու է. Գէորգի վէրքը կարող էր եւ թեթեւ լինել, նա կարող էր եւ ողջ մնալ ու թուրքերի ձեռքն ընկնել։ Իսկ այդ դէպքում Ռուբէնի համար շատ դժուար պիտի լինէր Գէորգին փրկելու ջանքերի մէջ իր թերանալն արդարացնելը։ Ճիշտ է, Ռուբէնը յետոյ Գէորգին անտէր պիտի թողնէր եղեգնուտների մէջ, բայց դա այն չէր, ինչ Քիւչուկի տանը թողնելը։ Այս դէպքում դա կարող էր «արդարացուած» թուալ, բոլորը տեսան, որ արիւնաքամ Գէորգը վերջին ժամերն է ապրում, իսկ թուրքերը հետապնդում էին փախչող գիւղացիներին ու ֆիդայիներին։ Մարդկանց փրկել էր պէտք, իսկ վիրաւոր Գէորգին վարարած գետն անցկացնելը իբր կարելի բան չէր. նրան յետոյ պիտի գային օգնելու, բայց չստացուեց։ Այսքանից յետոյ Ռուբէնն իբր էլ ի՞նչ կարող էր անել, որ չարեց։ Ռուբէնը Գէորգի սպանուելուց յետոյ մի ամբողջ ծանր տարի եւս անցկացրեց Տարօնում. «...Կը ծածկէր ինքզինքը եւ կը փախէր... ժողովրդին ու մարտիկներուն մեղադրական զայրոյթէն», - շարունակում է իր պատմութիւնը զօրավար Սմբատը։ Երիտթուրքերի յաղթանակից քիչ ժամանակ անց Ռուբէնը հեռացաւ արտասահման, իր ասելով` կրթութեան պակասը լրացնելու։ Նրա անակնկալ մեկնումն աւելի թէժացրեց կրակը։ Մեղադրանքներն ու սպառնալիքներն այնքան ուժգնացան, որ Դաշնակցութեան Տարօնի կոմիտէն ստիպուած եղաւ շրջանային ժողով գումարել Գէորգի սպանութեան հանգամանքները քննելու համար։ «Յուզումը մեծ էր պատգամաւորներու մէջ, երբ կարգը եկաւ Գէորգի սպանութեան պարագաներուն, - գրում է դարձեալ զօրավար Սմբատը։ - Հոն էր անոր դիակին մերկ լուսանկարը, որ աւելի կը նպաստէր... տիրող յուզումը խորացնելու»։ Ժողովը որոշեց մի յանձնախումբ կազմել գործն ուսումնասիրելու եւ եզրակացութիւն տալու համար։ Յանձնախմբի կազմը իրօք որ տպաւորիչ էր. այստեղ էին Զաւարեանը, Զաւրիեւը, զօրավար Սմբատը, Վարդան Վարդապետը, Յակոբ Կոտոյեանը` թուով 11 մարդ, բոլորն էլ անուն հանած, հին ու հեղինակաւոր յեղափոխականներ։ Յանձնախումբը, ինչպէս պատմում է Սմբատը, «դիմեց այն ֆետայիներու վկայութեան, որոնք Գէորգի կողքին կռուած էին վերջին անգամուն ու ծանօթ էին... իւրաքանչիւր կռուողին մարտական դիրքին...»։ Յանձնախմբի ձեռքի տակ էր նաեւ Գէորգի դիակի մերկ լուսանկարը, որը ճիշտ է, «աւելի կը նպաստէր տիրող յուզումը խորացնելուն», բայց ոչ աւելի։ Այսքանը բաւական համարուեց, որպէսզի յանձնախումբը Ռուբէնի բացակայութիւնը նրան մեղաւոր ճանաչի Գէորգի սպանութեան մէջ։ Յանձնախմբի այս որոշումը տպաւորութիւն է առաջացնում, որ հերթական անգամ գործ ունենք հայ յեղափոխութեան համար
137
սովորական դարձած անարդար ու անմիտ հաշուեյարդարի հետ։ Հարիւրաւոր անմեղ մարդիկ հէնց այդպէս էլ սպանուել են հայ յեղափոխականների ձեռքով իբրեւ «դաւաճաններ», բայց առանց երբեւէ մեղանչած լինելու։ Այդպիսի դէպքերում փաստերի չգոյութիւնը փոխհատուցւում էր վերադասի «անհողդողդ կամքով ու վճռականութեամբ»։ Յանձնախմբի որոշումը Ռուբէնի համար մահապատժի դատավճիռ էր նշանակում։ Բայց կատարուեց մի անհաւանական բան, համարեայ միստիկա, որի նախադէպը գտնելը դժուար պիտի լինի նոյնիսկ հայ յեղափոխութեան` այլեւս ոչնչով չզարմացնող «փառայեղ» անցեալի մէջ։ Թեթեւ ձեռքով հաստատելով, որ Գէորգին սպանողը եղել է հէնց Ռուբէնը, այսուհանդերձ, քիչ առաջ «ցասումնալից ու խիստ յուզուած ժողովականները» հոգու ամենայն խաղաղութեամբ անմիջապէս էլ մի ուրիշ որոշում ընդունեցին։ Նոյն զօրավար Սմբատից իմանում ենք, որ «խորհրդաբար ամէնքը որոշեցին գաղտնի պահել Գէորգի սպանութեան պարագաները` ժամանակի ընթացքին... մոռացութեան մը տալու համար», աւելի պարզ ասած` սա նշանակում էր արդարացնել Ռուբէնին։ Բայց ինչո՞ւ։ Որտե՞ղ պէտք է փնտրել Ռուբէնի հանդէպ այս արտասովոր գորովանքի պատճառը։ Այստեղ արդէն սկսում ես կասկածել, որ քիչ առաջ համարեայ յանիրաւի ամբաստանուած նահատակի նմանուող Ռուբէնը, այնուամենայնիւ, այնքան էլ անբասիր չէ։ Այստեղ մի բան կայ, բայց ի՞նչ։ Յայտնի չէ նաեւ, թէ ինքը` Ռուբէնը, երբեւէ հարցաքննուել է կուսակցական որեւէ ատեանի կողմից, բացատրութիւն տուել է իրեն ներկայացուած մեղադրանքի առնչութեամբ։ Բայց սա էլ դեռ ամբողջը չէ, սրանից արտառոցն էլ կայ. այս ամբողջ պատմութեան մէջ Դաշնակցութեան բիւրոյի ձայնն այդպէս էլ չի լսւում։ Մինչդեռ թէ՛ Բիւրոն եւ թէ՛ կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովն ամէն դէպքում պարտաւոր էին իրենց խօսքն ասել Տարօնի շրջանային ժողովի աննախադէպ որոշումների մասին։ Կատարուածը «սովորական» սպանութիւն չէր. սպանուածը Գէորգ Չաուշն էր, իսկ սպանութեան մէջ մեղադրուողը` Տարօնի թիւ մէկ դաշնակցականը։ Ոճրագործութիւնը «մոռացութեան մը մատնելու» փոխարէն Բիւրոն կամ Ընդհանուր ժողովը պարտաւոր էին կամ բեկանել Տարօնի յայտնի յանձնախմբի եզրակացութիւնը Ռուբէնին յանցաւոր ճանաչելու մասին` եղած փաստերը անբաւարար համարելով, կամ հիմք ընդունելով յանձնախմբի մեղադրական եզրակացութիւնը` պարտաւոր էին որոշում ընդունել Ռուբէնին մահապատժի ենթարկելու մասին եւ իրականացնել դատավճիռը, կամ վերջապէս, պարտաւոր էին ողջամիտ փաստարկներ ներկայացնել իրենց առեղծուածային ներողամտութիւնը բացատրելու համար։ Բայց եղած հրապարակումներում մեզ այդպէս էլ չյաջողուեց գտնել թէկուզ մի աննշան ակնարկ, մի որեւէ այնպիսի բան, որը թոյլ կը տար կռահել կուսակցութեան առաջնորդների այս դժուար բացատրելի լռութեան իրական պատճառները։
138
Մինչդեռ Ռուբէնը, իր վրայ ունենալով Գէորգ Չաուշին սպանողի` այդպէս էլ չհերքուած մեղադրանքի ծանր բեռը, Վառնայում մասնակցում է կուսակցութեան հերթական Ընդհանուր ժողովին, իբր ոչինչ էլ չի եղել։
Աշոտ Աբգարեան, Ինչո՞ւ Ցեղասպանութիւն, Երեւան, Անտարէս, 2013, էջ 132135
------
82. ՄԻՀՐԱՆ, ԿՈՓԵՑԻ ԽԷՉՕ ԵՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ (սպանութիւն) 1 Յունիս 1907, Արմաւիր Հանգամանք` Դաւաճաններ Սպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կովկասեան Ահաբեկիչ Մարմին Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Չորրորդ Ընդհանուր Ժողով
ՏԷՐՐՕՐ
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
Հայ հասարակութեան ծանօթ է արդէն, որ կարգ մը խաչագողներ վերջերս «Ժամանակաւոր Զինւորական Խորհուրդ» մը կազմակերպեր էին, անխղճօրէն շահագործելու համար տաճկահայ դատը` իրենց անձնական գձուձ հաշիւներուն համար։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը մանրամասնօրէն քննելէ ետք այդ չարագործ խմբին գործունէութիւնը, որոշեց իսպառ արտաքսել Դաշնակցութենէն Միհրանը եւ ասոր գործակից անդամները, ինչպէս արդէն յայտարարւած է այդ մասին Դրօշակի մայիսի համարով։ Միեւնոյն ատեն, Ընդհանուր Ժողովը որոշած էր կարգապահական պատիժներու ենթարկել տալ յանցաւորները, յանձնելով այդ խնդիրը Դաշնակցութեան Կովկասեան Ահաբեկիչ Մարմնին։ Արդ, Ընդհանուր Ժողովին այդ որոշման համաձայն` Ահաբեկիչ Մարմինն ձեռնարկեց գործի եւ կուգայ ծանուցանել հասարակութեան, որ յունիսի 1-ին Արմաւիրի մէջ տէրրօրի ենթարկել տւաւ Միհրանը (որ գնացած էր այնտեղ բռնի միջոցներով դրամ շորթելու տեղացիներէն) եւ անոր հետ գտնւող կոփեցի Խէչօն եւ ոմն Վարդապետեան։ Այսօր ալ Թիֆլիզի մէջ տէրրօրի յանձնւեցաւ ղազախեցի Վասիլ անունով խաչագողը, անդամ նոյն խմբակին։ Այս ամենը յայտնելով իգիտութիւն, Ահաբեկիչ Մարմինը կը փութայ
139
յայտարարել, որ խստիւ արգելւած է համակրանքի ոեւէ ցոյց ընել դատապարտեալներու յուղարկաւորութեան առթիւ. միմիայն ծխատէր քահանան կ’արտօնւի եկեղեցական արարողութիւն կատարելու։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս-Յուլիս 1907, XVII տարի, թիւ 6-7 (184), էջ 102-103
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
Վերջապէս, ահա Ժողովի որոշումը Միհրանի մասին, որ անցաւ միաձայն, մէկի ձեռնպահութեամբ.1. Համարել Միհրանի եւ իր գործակիցներու վարմունքը ծանր յանցանք կազմակերպութեան եւ նրա պաշտպանած թուրքահայ դատի դէմ, եւ այդ հիման վրա ճանաչել նրանց արտաքսուած Դաշնակցութեան շարքերից։ 2. Յանձնարարել պատշաճ մարմնին` կազմակերպական կանոններով նախատեսւած պատժին ենթարկելու Միհրանը եւ իր գործակիցները։ Շուտով մահւան պատիժը գործադրւեցաւ։
Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութիւն, Ա. հատոր, Երեւան, 1992, էջ 412
------
83. ԱՌՍՏԱՄ ԶԷՏԿԱՆՑ, ԱԲՐԱՀԱՄ, ՄԻՔԱՅԷԼ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ԵՒ ԱՍԼԱՆԻԿ (սպանութիւն) Յունիս-Յուլիս 1907, Դիզակ գաւառ Հանգամանք` Դաւաճաններ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ապառաժ Կ. Կօմիտէ
ՏԷՐՐՕՐ
Հ. Յ. Դ. ԱՊԱՌԱԺ Կ. ԿՕՄԻՏԷ
Սրանով յայտնում ենք ի գիտութիւն հայ հասարակութեան, որ «Ապառաժ» Կ. Կօմիտէի որոշմամբ, Դիզակում, զանազան ժամանակներում մատնութիւնների
140
եւ կազմակերպական զէնք իւրացնելու համար տէրրօրի են ենթարկւել` Առաքել գիւղացի` Առստամ Զէտկանց, Թաղասէր գիւղացի` Աբրահամը, Թաղոտ գիւղացի` Միքայէլ Ղազարեանը եւ ինքնապաշտպանութեան նախկին զինւոր` Ասլանիկ։ Զգուշացնում ենք յիշեալ անձնաւորութիւնների ազգականներին եւ բարեկամներին չը վերագրել այդ սպանութիւնները մասնաւոր մարդկանց։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս-Յուլիս 1907, XVII տարի, թիւ 6-7 (184), էջ 103
------
84. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԱՒՇԱՆՃԵԱՆ (սպանութիւն) 22 Յուլիս 1907, Նիւ Եորք Հանգամանք` Մեծահարուստ Սպաննող` Պետրոս Համբարձումեան կամ Պետրոս Յակոբեան Կազմակերպող` Վերակազմեալ Հնչակեաններու Վահէ Արզուեանի խմբակ
ԹԱՒՇԱՆՃԵԱՆ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ
Երկուշաբթի, Յուլիս 22-ին, հանրածանօթ Պրն. Յ. Ս. Թաւշանճեան Նիւ-Եօրքի Եունիըն Սքուէրին մէջ, րէվօլվըրի երեք հարուածներով սպաննուեցաւ, կէս օրուան ճաշէն իր գորգի վաճառատունը վերադառնալու պահուն։ Մարդասպանը, Պետրոս Համբարձումեան, որ ձերբակալուեցաւ, փախչիլ փորձած ատեն րէվօլվըրին միւս երկու փամփուշտները պարպեց` որոնցմէ Րօպըրդ Պրաուն անուն անցորդ մը վիրաւորուեցաւ թեթեւակի։ Թաւշանճեան, որուն սիրտը ծակած էր գնդակներէն մէկը, մայթին վրայ տապալեցաւ, եւ իր շունչը փչեց թեւերուն մէջ Միս Ճէնըրի անուն գեղանի դերասանուհիի մէջ, որ` ճակատագրական զուգադիպութեամբ մը` Թաւշանճեանի մօտէն կ’անցնէր, եւ որ անոր զարնուիլ-իյնալը տեսնելով` օգնութեան նետուած էր անոր մարմնոյն առջեւ, եւ անոր օրհասական գլուխը իր ծունկին վրայ հանգչեցուցած։ Այս Ամերիկուհիին կողմէ էր որ մարդասպանը մատնանշուեցաւ, եւ ամբոխէն ու ոստիկաններէ հալածուելով քանի մը փողոց անդին բռնուեցաւ։ Պետրոս Համբարձումեան, ոստիկանութեան կողմէ հարցաքննութեան ենթարկուելով` յայտարարեր է, թէ ինք կը պատկանի «Հնչակեան» (?) կոչուած «ընկերութեան», թէ Խարբերդի Մէզիրէէն վեց տարի առաջ Ամերիկա եկած է, եւ բնակած Ուսթր, Պօսթոն, Փրօվիտէնս, Չըլսի, թէ Շիքակօէն ուղղակի եկած է Թաւշանճեանը սպաննելու, որովհետեւ ան մերժած էր տեղի տալ իրեն եղած
141
սպառնալիքներուն եւ վճարել ընկերութեան կողմէ իրմէ պահանջուած դրամը եւն. եւն։ Մադասպանը, գոց սորվեցուած խօսքերով, ինքզինքը Ուաշինկթընի հետ բաղդատելէ ետք, ըսեր է շատ մը բաներ, որոնք երկար պիտի ըլլար նոյնիսկ ամփոփ կերպով մէջ բերել հոս, եւ որոնց գլխաւոր կէտերը կը կազմեն իր այն յայտարարութիւնները, թէ Վարդանեան` Թաւշանճեանը վախցնելու նպատակով ղրկուած էր Պօլիս անոր բարեկամ Ունճեանը սպաննելու, թէ Թաւշանճեան «Սուլթանի բարեկամն» է եղեր, թէ ան Սուլթանին մատներ է եղեր Ունճեանի սպաննիչները, թէ ընկերութեան ժողովներուն մէջ ինք տեսեր է եղեր որ Թաւշանճեան` հակառակ իրեն ղրկուած սպառնագրերուն` մերժեր է իրմէ երկու տարի առաջ պահանջուած գումարը վճարել եւն.։ Մարդասպանը խոստովանած է նաեւ թէ անցեալ Ուրբաթ իր ընկերութեան գաղտնի ժողովին ներկայ եղած է, բայց` թէեւ ջանացած է իր արարքին ինքնաբեր ու կամաւոր գոյն մը տալ, ոստիկանութիւնը կը հաւատայ թէ ինք գործիքն է երկար ատենէ իվեր սադրուած դաւադրութեան մը։ New-York World կը գրէ. «Ոստիկանութիւնը, որ գաղտնի «Հնչակեան»-ութեան վրայ կը նայի իբրեւ Black Hand-ի նմանօրինակ մարմինի մը, եւ որ տեղեակ է յեղափոխական ընկերութեան անունով անոր սպառնալիքով դրամ հանելու մէթոտներուն, կը խորհի թէ Պետրոս Համբարձումեան իրապէս մոլեռանդ հայրենասէր մըն է, եւ թէ ան իբր գործիք ծառայած է անխղճահար առաջնորդներու, որոնք բազմաթիւ սպաննութիւններ նիւթած են վերջին երկու տարուան ընթացքին, երբ իրենց դրամական պահանջներուն գոհացում տրուած չէ։ Ոստիկանութիւնը կը կարծէ նաեւ որ Տէր Գասպար Վարդանեանի սպաննութիւնը առնչութիւն ունի ներկայ ոճիրին հետ։ Ընդհանուր դատախազ Ճիրօմ եւ գաղտնի ոստիկանապետ Մըք Քաֆըրթի տեղեակ էին արդէն Թաւշանճեանի եղած սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ երեք ուրիշ հարուստ գորգի վաճառականներու օտար երկրէ եկած նամակներուն, որոնց իւրաքանչիւրէն $25,000 կը պահանջէին, յայտնելով որ միեւնոյն մարդը պիտի գայ դրամը առնել։ Այս նամակները կը հասնէին Պօլսոյ մէջ մեծահարուստ վաճառական Աբիկ Ունճեանի սպաննութենէն քիչ վերջը։ Նամակներուն հասնելէն քանի մը օր ետք, Նիւ-Եօրքցի մարդ մը, որ ինքզինքը քահանայ կը կոչէ եւ որ ճանչցուած է իբրեւ «Հնչակեաններու պետ մը, այցելեց հետեւեալ գորգի մեծաքանակ վաճառականներէն իւրաքանչիւրին, Թաւշանճեան, Կիւլպէնկեան, Գարակէօզեան եւ Գազանճեան։ Քահանան հարցուց թէ նամակներ ստացա՞ծ էին արտասահմանէն։ Ամենքն ալ պատասխանեցին, թէ ստացած էին բայց պիտի չի վճարէին իրենցմէ սպառնալիքով պահանջուած դրամները։ Անկէ իվեր, սպառնական նամակներ ստացան այս վաճառականները, որոնց կ’ըսուէր թէ` Ունճեանի բաղդը կը սպասէ իրենց, եթէ դրամը չի վճարեն։ Ոստիկանութիւնը կը հաւատայ, թէ Թաւշանճեան իբր զոհ
142
նշանակուած է, վախցնելու համար միւսները եւ զանոնք մղելու դրամը վճարելու։ Եւ ասոր համար Համբարձումեան հրահանգուած է սպաննել` իր հայրենասիրութեան եւ թուրքերու դէմ անձնական վրէժխնդրութեամբ զգացումները ճարպիկօրէն շահագործուելով։ Մինչդեռ չորս հարուստ հայ վաճառականները մերժած են նպաստել «Հնչակեան»-ութեան, հարիւրաւոր ուրիշ հայեր, Ամերիկայի մէջ ու աշխարհիս ամէն կողմը, գոհացում տուած են դրամի պահանջներու եւ սպառնալիքներու։ Ընկերութիւնը երկու լրագրական օրկաններ ունի, մէկը Պօսթընի, իսկ միւսը Փարիզի (?) մէջ։ Ընկերութեան վարիչներն ըլլալ կ’ըսուին չորս վաճառականներուն այցելող մարդը եւ ուրիշ մարդ մը Ալեքսան Արզուեան անունով, որ երեք կամ չորս տարիէ իվեր պահուըտած է այս երկրին մէջ, եւ որ կը կարծուի թէ Փրօվիտէնս կը գտնուի այժմ»։ Գէորգ Մինասեան, Նիւ-Եօրքի գլխաւոր հայ գորգավաճառներէն մէկուն գործակատարը, որ թարգմանի դեր կատարեր է մարդասպանին եւ ընդհանուրդատախազին միջեւ, հետեւեալն ըսեր է, «Հնչակեան»-ութեան մասին խօսելով. «Այնպիսի վիճակ մը ստեղծուած է այլեւս որ ո՛չ մէկ մարդու կեանք ապահով է այս քաղաքին մէջ, բայց միայն եթէ տեղի տայ այս սպառնալիքով դրամ պահանջողներուն։ Ընդհանուր-դատախազ Ճիրօմ եւ գաղտնի ոստիկանապետ Մըք Քաֆըրդի գիտեն թէ ո՛վ է ատոնց գլխաւորը։ Անոնք շաբաթներով աշխատած են այս խնդրով, բայց ո՛չ ձերբակալութիւն մը ընել կը համարձակին եւ ո՛չ ալ մարդը քաղաքէն դուրս քշել»։ Չորեքշաբթի առտուան Նիւ Եօրքի թերթերը աւելի մանրամասնութիւններ եւ որոշ անուններ կուտան Թաւշանճեանի սպաննութեան պատճառներուն եւ պատասխանատուութիւններուն շուրջ։ - Թաւշանճեանի սպաննուելէն անմիջապէս յետոյ, Նիւ Եօրքի միւս երեք հարուստ հայ վաճառականները սպառնական նամակներ ստացեր են։ Այս նամակները Նիւ-Եօրքէն բօստին յանձնուած են եւ հետեւեալ պարունակութիւնն ունին. «Եթէ ոստիկանութեան ըսէք այս նամակներուն մասին` ո՛չ միայն դուք, այլ ձեր ընտանիքին բոլոր անդամները պիտի օդը հանուին։ Տեսաք թէ ի՛նչ ըրինք այսօր Եունիըն Սքուէրի վրայ։ Ազդարարուեցէք Թաւշանճեանի բաղդովը։ Եթէ մեր ընկերութեան գանձին չի նպաստէք, մահը ձեր վրայ պիտի հասնի նոյնքան յանկարծակի եւ նոյնքան անխուսափելի կերպով»։ Որոշ տեսնուող իրողութիւն մըն է թէ այս սպառնալիքի ենթարկուած հարուստ հայերը սարսափի մէջ են։ Անոնց տուները գիշեր-ցորեկ պահպանութեան տակ են։ «Աստուծո՜յ սիրուն, կնո՜ջս եւ զաւակներո՜ւս ապահովութեանը համար, մի՛ յիշէք իմ անունս լրագրի մը մէջ», կը թախանձէին այն ամէն հայերը, որոնց կը դիմէին րիբօրթըրները։ «Չէ՛, չեմ ուզեր ըսել, թէ ո՞վ է «Հնչակեան»-ին պետը։ Ուրիշէ մը հասկցէ՛ք», կ’ըլլար անոնց պատասխանը։ Պրն. Գամպէրեան, հանգուցեալ Թաւշանճեանի գործակատարը, դառնօրէն գանգատելով կառավարութեան ցոյց տուած անշարժութեանը մասին` ըսած է. «Ասիկա կառավարութիւն
143
չէ՛։ Երէկուան պատահածը Թուրքիոյ մէջ իսկ պիտի չի հանդուրժուէր։ Մարդկային կեանքը աժան է Նիւ Եօրքի մէջ, երբ այսօրինակ բաներ տեղի կ’ունենան, եւ ընդհանուր-դատախազը իր աթոռին վրայ նստած կ’ըսէ որ չի տեսներ թէ ի՛նչ կրնայ ընել, եւ ոստիկանութիւնը ոչինչ կ’ըսէ եւ նուազ քան ոչինչ կ’ընէ։ Եթէ ձեռնհաս իշխանութիւնները բան մը պիտի չընեն, ես համակիր եմ որ հայերը իրենք իրենց մէջ կազմակերպուին բնաջինջ ընելու համար այդ մարդիկը, որոնք մեզ յարատեւ սարսափի մէջ կը պահեն կոր, որոնք արդէն իսկ սպաննեցին մեր ամենէ նշանաւոր, մեր ամենէ բարեգործ հայ քաղաքացին, եւ որոնք մահ կը սպառնան անմեղ ընտանիքներուն անոնց, որոնք տեղի չեն տար իրենց դրամաշորթական պահանջներուն»։ New York World հետեւեալ կերպով կը ներկայացնէ Նիւ Եօրքի հայ հարուստներէն սպառնալիքով դրամ պահանջելու այս գործողութիւններուն սկզբնաւորութիւնը. «1905 Սեպտեմբերին էր որ Թաւշանճեան եւ ուրիշ երեք հայ գորգավաճառներ, Կիւլպէնկեան, Գարակէօզեան եւ Գազանճեան, նամակներ ստացան իրենցմէ իւրաքանչիւրէն $25,000-ական պահանջող «Հնչակեան»-ին համար։ Անոնք ժողով մը ունեցան Hotel Imperial-ի մէջ, ուր ներկայ էր պատկառելի Արքեպիսկոպոս Սարաճեան։ Որոշուեցաւ մինչեւ վերջը տեղի չի տալ սպառնացողներու պահանջներուն։ Միեւնոյն ամսուն Հայր Ղեւոնդ Մարդուկէսեան հսկողութեան տակ առնուեցաւ գաղտնի ոստիկաններու, որոնց ըսուած չէր թէ ան ամբաստանուած կամ կասկածուած էր ոճիրի մը համար, բայց որոնք հրամաններու հնազանդեցան, եւ վեց ամիս քահանան շարժում մը չըրաւ որ տեսնուած եւ տեղեկագրուած չըլլար։ Հայր Ղեւոնդ Մարդուկէսեանն էր, որ Պոլսէն Հնչակեան նամակներն ստացող չորս վաճառականներէն իւրաքանչիւրին այցելեց։ Նամակները կ’ըսէին, թէ մարդ մը պիտի հանդիպի պահանջուած $25,000-ի նուիրատուութեան համար։ Քահանան իր այցելութեանց միջոցին հարցուց թէ արդեօք նամակ մը եկած է արտասահմանէն։ - «Այո՛, սպառնական նամակ մը ստացայ, ըսաւ Թաւշանճեան քահանային, բայց բան մը չպիտի վճարեմ։ Հիմա դուրս ելի՛ր գրասենեակէս, եւ եթէ հոս գաս դարձեալ` ոստիկանութիւնը պիտի կանչեմ»։ New York World կ’ըսէ թէ Մարդուկէսեանի վրայ ոստիկանական հսկողութիւնը դադրեր է 1906-ի սկիզբները։ Նոյն թերթը կը հաւաստէ նաեւ թէ Թաւշանճեանի սպանութեան նախորդ շաբթուն Մարդուկէսեան երկու անգամ տեսնուեր է Նիւ Եօրքի մէջ մարդասպանին` Պետրոս Համբարձումեանի հետ։ Երեքշաբթի օր Ճէյքըպ Ճօրտըն անունով փաստաբան մը ներկայացեր եւ յայտարարեր է թէ ինք Համբարձումեանի բարեկամներուն կողմէ վարձուած է մարդասպանին դատը պաշտպանելու։ «Ըսէ՛ք իրեն որ չի պատասխանէ ոեւէ հարցումի», աւելցուցեր է Ճօրտըն թարգմանին։ Օգնական ընդհանուր-դատախազը փաստաբանին հարցուցեր է թէ ո՞վքեր են այդ «բարեկամները» որ զինքը
144
բռներ են։ Ճօրտըն պատասխաներ է թէ չի կրնար ըսել, ու գացեր է։ Թաւշանճեանի մարմինը, անդամազննութենէ վերջ, Մօրկէն իր բնակարանը փոխադրուեր է, եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի օր, Սարաճեան Արքեպիսկոպոսի ծիսակատարութեամբ։ Հանգուցեալը, որ 42 տարեկան էր, կը թողու այրի մը եւ երկու աղջիկ զաւակներ, որոնց մեծը հազիւ հինգ տարեկան, իսկ պզտիկը` երեք։ * * * Չորեքշաբթի առտուան Պօսթոնի թերթերը, դղրդագին հէտ-լայներով կը հաղորդեն, թէ Պօսթոնաբնակ ծանօթ ազգայիններէն Պրն. Մ. Յ. Կիւլէզեան սպառնական քարտ մը ստացած է Նիւ-Եօրքէն, հետեւեալ պարունակութեամբ. «Եղբա՛յրս, Մենք այսօր սպաննեցինք Յ. Ս. Թաւշանճեանը եւ յառաջիկայ Երկուշաբթի քեզ ալ պիտի սպաննենք։ Դուն միլիոնատէր մըն ես եւ մեր կուսակցութեան բան մը չես ի տար։ Հաւատա՛ ինձ որ կը մեռնիս։ Յեղափոխութեան Քօմիթէ»։ - Այս քարտը, որուն ֆաք-սիմիլէն Boston Herald հրատարակած էր, 22 Յուլիս կէս օրուան թուականը կը կրէ։ Պր. Կիւլէզեան, որ խնդիրը ոստիկանութեան յանձնած է, տեղական մամուլին կը յայտարարէ թէ «օրէնքի եւ կարգի պահպանման, ինչպէս նաեւ ամենուրեք հայ ժողովուրդի շահուն համար, որ այս բաներէն անհունօրէն կը վնասուի, իր գերագոյն ճիգը պիտի թափէ այս ոճիրներու հեղինակները արդարութեան ձեռքը յանձնելու համար։» * * * Այս առթիւ, կը դնենք հոս Boston Herald-ի Չորեքշաբթի առտուան «Հայերու Նախատինք» խորագրին տակ հետեւեալ խմբագրական տողերը, ցոյց տալու համար թէ ո՜րքան կը տուժէ ազգային դատը այս տեսակ ոճիրներու անմիջական հետեւանքով. «Արժանաւոր եւ օրինապահ Հայերը հոս եւ ամենուրեք հարկաւորապէս կը տուժեն այդ ազգին մոլեռանդ անհատներու այս երբեմնակի յախուռն գործերէն, ինչպէս պաղարիւն սպաննութիւնը Թաւշանճեանին Նիւ Եօրքի մէջ, որ ամենահարուստ հայը կը նկատուէր Ամերիկայի մէջ։ Իր սպաննիչը բոլորովին խելքը գլուխն ըլլալ կը թուի, բայց միայն այն ցնորքէն բռնուած է թէ ինք պէտք էր սպաննէր այդ մարդը, որ մերժած էր իր հարստութենէն բաժին հանել Հայաստանի ազատագրութեան գործին։ Այն իրողութիւնը թէ այսօր գոյութիւն չունի որ եւ իցէ հող որուն Հայաստան անունը կրնայ իրապէս տրուիլ, եւ այն իրողութիւնը թէ Թուրքիոյ Հայերը բոլորովին անկարող են կառավարութեան մը ձեւին տակ կազմակերպուելու, ծանօթ են անհանդարտ եւ թշուառ Թրքական տիրապետութեան ամէն ուշիմ հանդիսատէսներուն։ «Հակառակ քանի մը շրջանակներու այն հաւատքին թէ այս երկրին մէջ
145
ազդեցիկ շարժում մը կայ Հայաստանը ազատագրելու, իրողութիւնը անկասկածօրէն այն է թէ հոս գաղթող Հայերու մեծամասնութիւնը ոեւէ կապ կամ համակրութիւն չունի ատոր հետ»։ Ահաւասի՛կ եզրակացութիւններ, զորս Herald պիտի ամչնար ստորագրել, եթէ Հայ Ոճիրին դժնէ պատկերը չունենար իր մտքին ու աչքին առջեւ։ Ահաւասի՛կ ուրիշ մըն ալ, Boston Record-ը. «Այն Հայերը, որոնք իրենց հայրենակիցները կը սպաննեն` անոնց իբր թէ «հայրենասիրական» պատիժ մը տալու համար` Հայաստանի ի նպաստ յեղափոխական հանգանակութիւններու մասնակցած չըլլալնուն համար, ամենասոսկալի ձեւի մը մէջ իրարու կը միացնեն դրամաշորթութիւնն ու մարդասպանութիւնը։ Այն վիճակները, զորս անոնք կը նկարագրեն` իրենց հարուստ հայրենակիցներէն դրամ փրցնել ջանալով, գլխաւորաբար իրենց երեւակայութիւններուն մէջ միայն գոյութիւն ունին։ Մարդկային կեանք գրաւելու իբր պատճառ ատիկա առաջ բերելը ուրիշ բան չէ` եթէ ոչ կատղած խելագարութիւն միացած պաղարիւն ոճրագործութեան։ Իրենց այդ արարքներուն անսանձութիւնը ոեւէ մեղմացում չի վերցներ։ Այդ մարդիկը պէտք է հալածուին եւ վտարուին ամենայն արագութեամբ ու ապահովութեամբ։ Այս երկիրը այդ տեսակ արարքներու վայրը չէ»։
Ազգ, [Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Խօսնակ,] շաբաթաթերթ, Պոսթոն, 27 Յուլիս 1907, Ա. տարի, թիւ 15, էջ 1-2
ՕՐՈՒԱՆ ՈՃԻՐԸ
ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ
Արտասահմանեան Հայոց օրուան մեծ մտահոգութիւնը տարաբաղդ Թաւշանճեանին եղերական մահուան վրայ կը կեդրոնանայ։ Մեր բոլորտիքը ինչ որ կը դիտենք Գահիրէ, կրնայ գաղափար մը տալ այն տխրազգեաց զգացումներուն որով համակուած ըլլալու են այլ եւ այլ երկիրներու հայ գաղութները։ Պոլսոյ հայ թերթերը թէեւ այդ մահը գուժեցին, բայց, պատահարը ծանուցանելու արտօնեալ չեն գրաքննութեան կողմէն։ Բայց, Եւրոպական թերթերը արդէն Պոլիս հասած են ու ամէն ինչ ժողովրդէն իմացուած է։ Հրապարակաւ յայտնուած խորազգեաց եւ անկեղծ ցաւակցութիւնը ապացոյց մըն է թէ կտոր կտոր եղած անձնաւորութիւնը մեծ յարգ եւ համարում կը վայելէր։ Առանց վարանումի կրնանք հաւատալ, թէ աշխարհիս բոլոր հայերը այս պահուս իսկ միասիրտ տրտմութեամբ, միահոգի զայրոյթով լեցուած են, հանդէպ Նիւ-Եօրքի սպանութեան, պիտի երկարաձգի, պիտի տարածուի, պիտի սփռուի
146
աննախատեսելի, անհաշուելի դառնադառն հետեւանքներով։ Ազգային ցասումի եւ վշտի ընդհանուր համերաշխութեան մէջ, իբրեւ բացառութիւն` թեթեւ փոքրամասնութիւն մը կը ներկայանայ միայն – գէթ` ըստ հաւաստման Անգլիական թերթի մը Նիու-Եօրքէն թղթակցութեանը։ Սակայն ենթադրելով իսկ թէ այդ տեղեկութիւնները ստուգապատում համարուին, ո՛չ ապաքէն անոր դէմ կը կանգնի ազգին ահագնազանգուած Միութիւնը, բողոքարկու եւ զայրամոլ։ Ուրեմն, որո՞ւն համար, որո՞ւն հաւանութեամբը այդ դրամական պահանջումները, սպաննութեանց պատժադրութիւններով վաւերացուած։ * * * Այս հարցումները երբ հանրային մարդը պիտի զբաղեցնեն, նախ եւ առաջ հարկ է հաստատապէս գիտնալ, թէ` յանուն որո՞ւ դրամ պահանջուած է, յանուն որո՞ւ մահուան պատիժ վճռուած ու գործադրուած է։ Աներկբայելի, կատարելապէս ստոյգ ծանօթութիւններ չունինք տակաւին։ Մեր ձեռքը կը գտնուին Եւրոպական թերթերու հեռագրալուր տեղեկութիւնները եւեթ, հապճեպով զարնուած, իրողութիւնները պատմելով, առանց մանրակրկիտ քննութեանց։ Ամերիկեան թերթերը` հայ թէ օտար լեզու` մեզի ժամանիլ պիտի սկսին յառաջիկայ շաբաթուան մէջ միայն։ Սակայն, հեռագրական թելերը առ այժմ «Հնչակ» անունը կը հնչեցնեն «ընդ ոլորտս տիեզերաց», իբր Թաւշանճեանի սպաննութեանը թելադրիչը։ Բայց մենք որ օտարազգիներ չենք, մենք քաջ իսկ գիտենք, թէ Հնչակեան կուսակցութիւնը միաձոյլ, հոծ մարմին մը չի ներկայանար, այլ ստորաբաժանումներով հատուածեալ խումբ մըն է։ Ըստ Բարիզի Թանին, ոճրագործը յայտարարած է, թէ` Աբիկ Ունճեանն ալ իրենք սպաննած են։ Յայտարարութիւն մը որ իսկական Հնչակեանները – «Հին» կոչուածները – ո՛ եւ է ամբաստանանքէ զերծ կը պահէ։ Բայց այս տեղեկութեան հետ մէկտեղ, կը նկարագրուի Հնչակեան կարմիր կնիքը, դրամապահանջ սպառնագրերու ստորեւ դրոշմուած։ Այդ կնիքը կին մը կը ներկայացնէ եղեր ձեռքերը շղթաներով պրկուած, որոնց օղակներուն մէջէն սողոսկուած դաշոյն մը, զիրենք կը խորտակէ։ Արդ, ոչ ոք պաշտօնական այսօրինակ կաղապարեալ կնիք մը տեսած է, Հնչակեաններէ գործածուած։ Նմանապէս` «Սեւ-Ձեռք» – Պլաք Հէնտ – չարագործական մարմնի մը անունն ալ մէջ խառնուած է։ Եւ այս «Սեւ Ձեռք»-ի միջամտութեամբն է որ կրնանք բացատրել, այն տարօրինակ տեղեկութիւնը, որով կը հաղորդուի, թէ` «Նիու-Եօրքի բոլոր ՕՏԱՐԱԶԳԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ահաբեկումի մէջ են Թաւշանճեանին սպանմանը առթիւ։ Հայէ մը դրամապահանջումը եւ այդ Հայուն Հայոց ձեռքով սպաննումը օտարազգի գաղութները շահագրգռելու պատճառներ չունին։ Բայց խնդիրը կը փոխուի, երբ Հայ դրամապահանջները Սեւ-Ձեռքի Միջազգային «Ընկերակցութեան» յարած են, առանց հայ-ազգայնութեան շահերուն ո եւ է
147
վերաբերմամբ։ Այս բոլոր տարակուսանքները փարատելու համար, պէտք է սպասել Ամերիկայէն գալիք թերթերու եւ նամակներու ժամանումին։ Առ այժմ ընդհանուր տեսութիւններ կրնանք ընել միայն, առձեռն տեղեկութիւններէ առաջնորդուելով։ * * * Եղեռնագործութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը, նախ` Հնչակեան կուսակցութեան վրայ կը ծանրանայ ամբողջովին։ Իրաւ է թէ` այդ Կուսակցութիւնը հիմակ իբր միաձոյլ մարմին մը չի ներկայանար, բայց երբ խնդիրը ընդհանուր անունի մը վրայ է, զայն կրողները պարտականութիւններ ունին որոնցմէ խուսխուսել բնա՛ւ ներելի չէ իրենցմէ ո՛չ մէկուն։ Ա՛յսպէս` Մուրատ եւ իրենները, ա՛յսպէս` Ազգ եւ իրենները, ա՛յսպէս Ձայն եւ իրենները հաւասարապէս Հնչակեան տիտղոսը կը կրեն։ Ու երբ Եւրոպական թերթերը կը յայտարարեն, թէ` Հնչակեան Կուսակցութիւնը հայրենիք մեծաքանակ դրամներ կը խրկէ եւ այս նպատակաւ է որ բռնադատութեամբ դրամ կը պահանջուի, մահացան հետեւանքներով, այդ մամուլը ո՛ եւ է խտրանք չընդնշմարեր ընդ մէջ Հնչակեանի՛ եւ Հնչակեանի՛։ Այս ամենածանր դժբաղդութեան առթիւ, Հնչակեան իրեք հատուածները հաւասարապէս պատասխանատու պէտք է բռնուին թափուած արիւնին համար, թափուելիք արիւնին համար, եւ բոլոր այն աղէտներուն համար որ Հայաստանի հայ ժողովրդին գլխուն վրայ իջնեն Թաւշանճեանի եւ դեռ ուրիշներու անպարտ արունին հոսումէն։ Առ այժմ այդ աղէտներուն վրայ չեմ խօսիր։ Բաւական պիտի համարիմ յիշեցնել, թէ` Հայ Յեղափոխական Կուսակցութիւնները ամէնքն ալ հաւասարապէս ճանչցած են բռնադատութեամբ ու բռնամահուամբ դրամ հաւաքելու անհուն վնասաբերութիւնը։ Ահաւասիկ Դաշնակցական մարմինը ի լուր աշխարհի հռչակեց թէ` իր վերջին պատգամաւորական ժողովին որոշմամբը, այլեւս` բռնաւորական միջոցներով դրամ պիտի չպահանջուի։ Դառնադառն փորձառութիւն մըն է որ այս որոշումը կը թելադրէ։ Տարակոյս չկայ, թէ Դաշնակցականները «խոհեմազարդ» յեղափոխականներ չեն համարուիր. ո՞վ պիտի կրնայ ուրեմն իբր հակայեղափոխական յայտարարել անոնց այս նոր ձգտումը։ Գանք Հնչակեաններուն։ Երբ 1896-ի գժտութիւնը սկսաւ, Ֆրիթվիլ Կարանս գումարուած ժողովին մէջ միաձայնութեամբ որոշուեցաւ բռնի դրամ չպահանջել ոչ ոքէ։ Այս որոշումը հաւատարմութեամբ գործադրուեցաւ մինչեւ 1905 օգոստոս 14/27, այսինքն` Ունճեան Աբիկ էֆէնտիի սպանման թուականը։ Թէեւ ատկէ առաջ Պոլիս յանուն Հնչակեան կուսակցութեան դրամ պահանջուած էր, բայց յայտնի է, թէ` զեղծարարութիւն մըն էր։ Հարկահաւաքները ո՛չ Հնչակի, ո՛չ Մարտի ներկայացուցած
148
Հնչակեանութեանց կը պատկանին։ Այս ապօրինաւորութիւնը նկատողութեան չենք կրնար առնել։ Պարտականութիւն կզգամ նաեւ` յայտարարել թէ, Աւետիս Նազարբէկ ծայրայեղօրէն հակառակ էր բռնաբարութեամբ դրամ հաւաքելու դրութեան։ Հեռատեսութեամբ մը, զոր ետքէն պատահած աղէտները կատարելապէս արդարացուցին եւ կը շարունակեն արդարացնել, Նազարբէկ կանխադիտած էր այն բոլոր ահռելի չարիքները որոնք բռնութեամբ դրամ հաւաքումէ պիտի ժայթքէին։ Ուրեմն, առանց երկարաբանելու, հաւանինք թէ յեղափոխական մարմինները իրենք իսկ կընդունին որ մեծ չարիք մըն է` բռնաբարութեամբ հասոյթներ ստեղծելու դրութիւնը։ Հետեւաբար, մեր կողմէն փաստաբանութեանց հարկ մը չենք տեսներ։ Եւ սակայն, Ունճեանէն յետոյ Թաւշանճեան. Թաւշանճեանէն ե՞տքը։ Բարիզի Թանը իսկ չհաղորդե՞ց, թէ Թաւշանճեանին դիակը դեռ գետինը, եւ ահա՛ մարդասպաններու խումբը թէլէֆօնին վազած, ձայնատուր եղած են այլ եւ այլ հարուստներու, ազդարարութեամբ, թէ` «ահա Թաւշանճեան ինկաւ, բացէք քսակներնիդ, եթէ ոչ...»։ Միեւնոյն ժամուն սպառնական նամակները Նիու-Եօրք ասոր անոր կը տեղային։ * * * Երբ Թաւշանճեանին սպանման գոյժը կ’առնենք, երբ ուրիշ հարուստներու սպառնացող վտանգներուն զեկոյցները կը լսենք, բնականաբար կրնանք հարցնել թէ` Հնչակեաններուն, Դաշնակցականներուն դաւանանքները, որոշումները ի՞նչ օգուտ ունին, ի՞նչ բանի կրնան ծառայել, յանուն «Հայ Յեղափոխութեան» ազատօրէն, անկաշկանդ ի գործ կը դրուին մահաբեր տնօրինութիւններ դրամահաւաքման համար։ Այդ մարմինները պարտականութիւն ունին միաձայնութեամբ դէմ կանգնիլ այն բոլոր ձեռնարկներուն որոնք յանուն Հայ Յեղափոխութեան սպաննութիւններ կընեն եւ դրամ կուզեն հաւաքել։ Կամ թէ` թո՛ղ գլուխ անցնին, պատասխանատուութիւն ստանձնեն, եւ համար տան ազգին։ Յաջորդով այս խնդիրներուն կը վերադառնանք։
Լուսաբեր, եռօրեայ, Գահիրէ, 8 Օգոստոս 1907, Գ. տարի, թիւ 403, էջ 1-2
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ Ս. Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 1887-1962
ԱՐՍԷՆ ԿԻՏՈՒՐ
Վերակազմեալներու այս նոր պառակտումի հետեւանքով այդ կուսակցութեան մէջ տեսակ մը անիշխանութիւն կը ստեղծուի։ Անպատասխանատու
149
մարդիկ կը սկսին ահաբեկչական սպառնալիքներով դրամ պահանջել հայ մեծահարուստներէն` «յեղափոխական եւ ազատագրական պայքարի» անունով։ Այս տեռորներէն մէկ զգայացունցը, տեղի կ’ունենայ 1907 Յուլիս 22-ին Նիւ Եորքի մէջ, որուն զոհ կ’երթայ գորգի վաճառական Յովհաննէս Թաւշանճեան, Վերակազմեալ Պետրոս Խաչատուրեան անունով մէկու մը կողմէ, այն պատճառաբանութեամբ թէ` «Թաւշանճեան մերժած էր սպառնալիքով ուզուած դրամը վճարել...»։ Այս անիմաստ եւ դատապարտելի սպանութիւնը շատ ծանր անդրադարձ մը կ’ունենայ ամերիկեան հանրային կարծիքին վրայ։ Ամերիկեան մամուլը խստիւ կը դատապարտէ վայրենաբարոյ այս արարքը եւ կը պահանջէ հետապնդել բոլոր պատասխանատուները։ Այս դէպքը` Վերակազմեալներէն ոմանք կը դատապարտեն, ոմանք ալ կ’արդարացնեն, որով` տարակարծութեան անկիւնը երթալով կը լայննայ` անկարելի դարձնելով զիրար հասկնալը։ Արսէն Կիտուր, Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան 1887-1962, Ա. հատոր, Պէյրութ, Հրատարակութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուս. Պատմագրութեան Կեդր. Յանձնախումբի, 1962, էջ 297
------
85. ՅԱԿՈԲ ՉԷՐՉԵԱՆ (սպանութիւն) 17 Հոկտեմբեր 1907, Ֆիլիպէ Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պօլսոյ Մարմին
ՏԵՐՐՕՐ
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊՕԼՍՈՅ ՄԱՐՄԻՆ
Ատենէ մը ի վեր յայտնի լրտեսութեամբ պարապող եւ անընդհատ այս նպատակով Պուլկարիայէն Պօլիս ու Պօլսէն Պուլկարիա երթեւեկող Յակոբ Չէրչեան անուն բնիկ ֆիլիպեցի հայը, գործակալ` ոստիկանութեան պետ Վասըֆ փաշայի եւ յանցագործ` իր մատնութիւններով ու լրտեսական տենդոտ գործունէութեամբ` մահւան դատապարտւեցաւ մեր որոշումով եւ վճիռը գործադրւեցաւ Ֆիլիպէի մէջ 1907 հոկտ. 4/17-ին։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Փետրուար 1908, XVIII տարի, թիւ 2 (190), էջ 31-32
150
------
86. ՎԱՐԴՕ (սպանութիւն) 22 Նոյեմբեր 1907, Ռուսչուք Հանգամանք` Հրաժարեալ Դաշնակցական Գործիչ Սպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ահաբեկիչ Մարմին Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՏԵՐՐՕՐ
Հ. Յ. Դ. ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
Համաձայն Ընդհանուր Ժողովի որոշման Վարդօին եղած պաշտօնական դիմումին` որ իւրացուցած 12112 ֆրանկ գումարը վերադարձնէ կազմակերպութեան եւ նա մերժած ըլլալով. Հ. Յ. Դ. Ահաբեկիչ Մարմինը իրեն դէմ կայացած մահւան վճիռը գործադրեց Ռուսչուքի մէջ 1907 նոյ. 22-ին։ Ահաբեկիչը ազատ է։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մարտ 1908, XVIII տարի, թիւ 3 (191), էջ 48
------
87. ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ (սպանութիւն) 12 Փետրուար 1908, Գահիրէ Հանգամանք` Հրաժարեալ Վերակազմեալ Հնչակեան գործիչ Սպաննող` Պետրոս Հիւսէնեան Կազմակերպող` Վերակազմեալ Հնչակեաններու Վահէ Արզուեանի խմբակ
ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՃԻՐ
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Պէտք ունինք ամփոփուելու, պէտք ունինք քիչ մըն ալ լռութեան մէջ ողբալու պաշտելի բարեկամին ու հոյակապ մատենագրին կորուստը, որպէսզի ա՛լ կամաց կամաց վարժուինք այդ անըմբռնելի գաղափարին եւ ինքզինքնիս ազատելով անոր հետապնդումէն, մտածե՛նք ընելիքնիս, մտածե՛նք հանրութեան հօտին
151
համար որուն ամենէն յստակատես հովիւն ու առաջնորդն էր որ ճամբուն վրայ ինկաւ։ Մեր բարեկամը սա՛ վերջին տարիներուն, արդէն բաւական բացած էր մտքերը։ Իր փորձառութիւնն եւ ներկային պահանջքներուն իր խորաթափանց ընբռնումը, զինքը մղեցին շարունակ ազգին յիշեցնելու` թէ Յեղափոխութիւնը շփոթելու չէ Ոճրագործութեան հետ, թէ բռնի ուժով եւ սպառնալիքներով դրամ կորզել` աններելի է մինչեւ իսկ իրական Յեղափոխական կուսակցութեան մը համար, ո՛ւր մնաց երբ այդ անունը կը յամառին ինքզինքնուն տալ քանի մը անհատներ միայն, որոնց երբեմնի կուսակցութիւնը զիրենք ամբողջովին իր մէջէն վտարած, կղզիացուցած է։ Անոնց, որոնք թեթեւօրէն կը կարծեն թէ Արփիարեան փոխուած էր եւ ուրացած իր յեղափոխական համոզումները` կը բաւէ միայն յիշեցնել իր ճշմարիտ երիտասարդի խանդավառութիւնը Մուրատի ազատումէն ետք ու անոր այստեղ ներկայութեան միջոցին։ Արփիար, զոր ամէն մարդ գոնէ քիչ մը քինախնդիր կը կարծէր, այդ առթիւ անպայման մոռցաւ իր ատելութիւնները թէ՛ հին Հնչակեան կուսակցութեան եւ թէ՛ Վերակազմեալներու հանդէպ, ու հանուր Հայութեան փողարեց իր հաւատքն եւ յոյսը` Մուրատով եւ Տամատեանով կենսանորոգ, Հնչակեանութեան երկգլխանի արծիւին հայկական կեանքին վրայ վերստին երեւումին ի տես։ Բայց իր ձայնը, որքան ալ հնչեղ, չէր զօրեր հասնելու այն ամէն անկիւնները ուր ոճրախանձ հոգիներուն անկարող միջակութիւնը` կը գրգռուէր Արփիարի բազմադիմի գերազանցութեանը դէմ։ Անոնք վախցան, նաեւ, զիրենք մինչեւ իրենց ոսկորներուն ծուծը սերտած եւ իրենց ամբողջ անցեալը գոց գիտցող հրապարակագրէն։ Անոնք ուզեցին, տակաւին, իրենց շահերը վտանգող հակառակորդ մը մէջտեղէն վերցնելով` միեւնոյն ատեն յիշեցնել ունեւորներուն, թէ տակաւին ուժ ունէին, - եւ այս կրկնակ գործը մէկ անգամէն կատարելու համար` գտան, ճշմարիտ կամ կեղծ, Պետրոս մը եւս...։ * * * Ունճեանի եւ Թաւշանճեանի սպաննութիւններէն ետք Արփիար այս էջերուն մէջ` սա գաղափարը պաշտպանեց` թէ պէտք չէ իրենց տգիտութիւնը կամ միամտութիւնը պատրուակ բռնելով, ոճիրը գործադրող Վարդանեաններուն եւ Համբարձումեաններուն մեղքը թեթեւցնել, այլ ընդհակառակը, զանոնք ալ իրենց պետերուն հետ հաւասար զզուանքի ու անէծքի առարկայ դարձնել, որպէսզի եթէ նմանօրինակ ոճիրներու սեւ փառապսակին թեկնածող ուրիշներ կան, առաջուց գիտնան թէ ազգը ի՛նչ զգացումով պիտի ընդունի իրենց արարքը, ի՛նչ գարշանքով պիտի յիշէ իրենց անունը։ Բայց, ինչպէս ըսինք, Արփիարի ձայնը չէր կրնար հնչել մինչեւ այն մութ
152
անկիւնները, ուր ոճրախանձ հրէշներ, իրենց ոչնչութեան գիտակից, գիշեր ու ցերեկ կը կարդան իրենցմէ աւելի ցաւագար, բայց իրենց չափ եղեռնապիղծ գլխու մը վրայ։ Եւ ահա, ինչ որ իրենք, իրենց անպայման վատութեանը մէջ, չէին կրնար կատարել` կատարել տուին այդ հրէշին, որուն անշուշտ խոստացան նաեւ ամէն կերպ ապահովութիւն, ամէն տեսակ հանգստութիւն։ Եւ այսպէսով, առջի օրը Ունճեան, երէկ Թաւշանճեան մը ու այսօր Արփիարը կ’անհետանան Հայութենէն որ զայրուցքով կը մռնչէ այդ մահերուն ետեւէն ու ինքն իր վրայ կ’ողբայ` զանոնք անհետացնող մարդակերպ գազանները իր ծոցէն արտադրելուն համար։ * * * Ջարդերէն ի վեր, ոճրականութիւնը Հայոց մէջ անհամեմատ աւելցաւ։ Յեղափոխականութիւնն ու յեղափոխական գրականութիւը մեծագոյն պատասխանատուներն են այդ բանին։ Հայ ստրուկի նկարագիրը, մաքրուելու ու բարձրանալու համար` ուրիշ բան չտեսաւ բայց եթէ արիւն, բայց միայն արիւն։ Ազատութեան գաղափարը, որ մարդուն ամբողջ էութեան, հոգիին ու մտածումներուն ազատագրութենէն կը ծնի, հայ ժողովրդին ներկայացուեցաւ արեան կարմիրով ներկուած` անով զայն հրապուրելու, շլացնելու եւ գրաւելու համար, ճիշտ ինչպէս կը հրապուրեն վայրենիները։ Ամբողջ ծովածաւալ գրականութիւն մը, Կովկասէն մինչեւ արտասահմանի ամէն հայաբնակ կեդրոն, ծնաւ ու սնեցաւ արիւնի եւ պղծումներու, աւերակաց եւ դիակոյտերու հիւթով։ Դեռ մինչեւ այսօր չիկայ հայերէն ծրագիր մը որ անոնցմով լեցուն չըլլայ եւ խմբագիրը այդպէսով գուցէ կը կարծէ զարթեցնել ստրուկ, մտքով ու սրտով հետզհետէ աւելի ստրուկ Հայութիւնը, որուն արիւնարբու Պետրոսներէն գոնէ մէկն ալ չերթար սակայն Տաճկի մը արիւնը խմել, այլ անպաշտպան, անզէն իր մէկ եղբայրը, ծերունի Ունճեան մը եւ Արփիար մը կը զարնէ ետեւէն...։ * * * Ոճրագործ խմբակին առաջին շահատակութիւնը չէ աս։ Ամէն ոք զայն կապեց իսկոյն Ունճեանի եւ Թաւշանճեանի սպաննութեանց հետ, եւ չսխալեցաւ։ Անոնց առջեւ սակայն, Հայութիւնը չկանգնեցաւ մէկ մարդու նման, հայ լրագրութիւնը չի գոռացուց իր միահամուռ շանթահարող ձանը, եւ թող տուաւ այս նոր ոճիրին գործադրութիւնը։ Ահ, կը յիշեմ...։ Պարոն Չօպանեան, հինգ ամսուան խոհեմ լռութենէ մը վերջ, երբ ստիպուած, իր ապրուստին մուրացածոյ ապահովութեանը համար, Անահիտի թիւ մը մէջտեղ հանեց` անխուսափելի գտաւ խօսիլ Թաւշանճեան ոճիրին վրայ...։ Ի՜նչ քաշքշուկ, երկարապատում տողերով սակայն, ի՜նչ զգուշաւորութեամբ, ի՜նչ դարձուածքներով, սակայն։ «Դրամաշորթ խմբակը» դրամաշորթ
153
խմբակ կոչել` զզուելի սուտ մըն էր իրեն համար, «զոր Արփիարեան ստեղծած էր». «Կայէնը» կայէն անուանողը անոր ապերախտ մէկ բարերարեալն էր. եւ այս ոճիրը գործող «հայ յեղափոխականներուն» դրամ չտուող դրամատէրնե՛րն էին ոճիրին գլխաւոր պատասխանատուները...։ Եւ այս ամէնը` արտածորող զզուելի իմաստակութեան շեղջակոյտ, գլուխ-գործոց յօդուածէ մը զոր կարդացողը վերջ ի վերջոյ այն տպաւորութիւնը կ’ունենար – բան մը որուն արդէն կը ցանկար յօդուածագիրը – թէ շատ աւելի մեղաւոր էին Արփիարեան, Պարթեւեան եւ հայ հարուստները քան «Կայէն»-ն ու իր մեղսակից արբանեակները։ Այդ գարշաբոյր յօդուածին Արփիար պատասխանեց ջախջախիչ փաստերով, բայց մասամբ միայն։ Իր փափաքն էր մօտ օրէն վերադառնալ անոր վրայ եւ զայն երկնող ամօթապարտ հոգին մերկացնելով իր կեղծիքի քօղերէն, հասարակութեան ներկայացնել այնպէս ինչպէս որ է, - ուռած միջակութիւն մը` փայփայուած Ոճիրի ասպետներէն։ Ժամանակ չձգեցի՜ն իրեն։ Բայց ճշմարտութիւնը չլռեր։ Հրապարակաւ այստեղ կ’ամբաստանեմ ահա Պարոն Չօպանեանը իբրեւ մէկը որ քաջալերեց Թաւշանճեանի ոճիրը եւ Ոճրագործ բազուկին մատնանիշ ըրած Արփիարեանը` զայն ոճրագործներէն աւելի դատապարտելով ու ոճրագործութիւնը թեթեւցնելով եւ սքօղելով։ Պարոն Չօպանեանը կ’ամբաստանեմ Ոճրագործներուն հետ իր բարեկամութեանը համար։ Իր յօդուածը այնքա՜ն հաճելի էր անոնց – եթէ ոչ` բառ առ բառ տուն տրուած անոնց կողմէ – որ անոր լոյս տեսնալէն երկու ամիս վերջը, անոնք պաշտօն կը յանձնէին իրեն` զիրենք ներկայացնել, իբրեւ Յեղափոխական կուսակցութիւն (!), Տաճկահայ համաժողովին մէջ...։ Այն վայրկեանին, ուր Արփիարի դիակին առջեւ, աչքերը իրենց արցունքներէն սրբուելով վերջապէս կը տեսնեն Հայութեան տունին սպառնացող, անոր նկուղներուն մէջ խորածածուկ Եղեռնի կտակը` անհրաժեշտօրէն պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչ բան կը սնուցանէ այդ քանդիչ հուրը, թէ Պարոն Չօպանեանները պատասխանատուութեան ի՛նչ մեծ բաժին մը ունին անոր մէջ` եղեռնագործներուն հետ իրենց բարեկամութեամբն ու եղեռնին հանդէպ իրենց բռնած դիրքովը։
Լուսաբեր, եռօրեայ, Գահիրէ, 22 Փետրուար 1908, Դ. տարի, թիւ 486, էջ 192
------
88. ՄԻՀՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԵՒ ԱՐՍԷՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ (սպանութիւն) 1908-ի ատենները, Աղթամար Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
154
ՀՈԳԵՒՈՐ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԱՆԻ ՆԱՀԱՆԳՈՒՄ ԵՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՎԱՆՔԻ ԿՈՂՈՊՏՄԱՆ ԽՆԴԻՐԸ
ԱՒԵՏԻՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Աղթամարն իր հնութիւններով եւ հարստութիւններով ամենեւին էլ չէր տարբերւում Երուսաղէմից։ Նրա վերահսկողութեան ներքոյ կային 15 վանք, որոնցից ամենափոքրն անգամ տարեկան 300 ոսկի հասոյթ էր ստանում։ Աղթամարի աթոռի կողոպտման հարցը, որ հրապարակի վրայ դրուեց Վանի հոգեւոր առաջնորդ Զաւէն ծ. Վրդ. Տէր-Եղիյեանի մերկացումներով, այնքան մեծ յուզմունք առաջ բերեց արեւմտահայութեան շրջանում, որ ազգային ժողովը ստիպուած էր զբաղուել այդ հարցով։ Հարցը խորութեամբ քննարկելու համար կազմուեց յանձնաժողով` Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեանի, Արսէն վարդապետի, Հ. Գորեան էֆէնդու եւ Մ. Շիրինեանի անդամակցութեամբ։ Դանիէլ վրդ. Զատոյեանը եւ Աղթամարի կաթողիկոսական տեղապահի փոխանորդ Յովսէփ եպիսկոպոսը կազմում են տեղեկագիր, որը Վանի խառը ժողովն ուղարկում է պատրիարքարան։ Այդ տեղեկագրից պարզւում է, որ 1908 թ. դեկտեմբերին ընտրուած եւ պաշտօնավարող ժողովականները «...որեւէ խաչ, սպասք կամ արծաթ վաճառած չեն»։ Յանձնաժողովի տեղեկագրի համաձայն` նախկինում արծաթների վաճառման դէպքեր գրանցուած են եղել միայն 1891 թ. (Խաչատուր կաթողիկոսի կողմից), 1905 թ. (խառը ժողովի որոշմամբ) եւ 1908 թ. (Պօղոս վրդ. Կարապետեանի կողմից)։ Պատրիարքարանին ուղղուած` Յովսէփ եպիսկոպոսի 1909 թ. մայիսի 13-ի տեղեկագրում նշւում էր, որ Աղթամարի սպասքի մեծագոյն մասը կողոպտուել է թուրքական զօրքերի կողմից։ Սակայն ի՞նչ էր կատարուել իրականում։ Արեւմտեան Հայաստանի որոշ շրջաններում` այդ թւում Վանում, դաշնակցականները հոգեւորականներին հեռացնում էին ներքաղաքական ասպարէզից եւ իրենց ձեռքը վերցնում ժողովրդի կառավարման ղեկը։ Վանի տեղական վարչութիւնը, որն արդէն գտնւում էր դաշնակցականների վերահսկողութեան ներքոյ, քուէարկելով որոշում է փակել Աղթամարի վանքի վարժարանը, դադարեցնել հողագործական աշխատանքները, բռնագրաւել վանքի գոյքը, աճուրդի հանել վանքի ողջ ունեցուածքը, տիրանալ վանքապատկան կալուածքներին, դրանք տալ վարձակալութեան եւ իւրացնել եկամուտը։ Մուշեղ արքեպիսկոպոսի հաւաստմամբ` դաշնակցութիւնն «իր մէկ ձեռքով ազգային իշխանութիւնները կ’ահաբեկէր, միւս ձեռքով լաւ կարենալ կողոպտելու համար Աղթամարն ու Վանը»։ Հասոյթը պէտք է յատկացուէր «դպրոցաշինութեանը»։ Աճուրդի են հանւում հարիւրաւոր եզներ,
155
ոչխարներ, արտեր, աշխատանքային գործիքներ (բահ, բրիչ, եւ այլն) եւ այն ամէնը, ինչ արդէն ունէր։ Միայն անասունների արժէքը կազմում էր 400-500 ոսկի։ Կոհակ պարբերականի հաւաստմամբ` «...որոշում տուողներ եղած են Իշխանի բարեկամ այն ժողովականները` որք մէկ-մէկ փառաւոր անցեալ ունին, ինչպէս նաեւ Յովսէփ Խլղաթեան (Քաղաքական ժողովի քարտուղար, Աւետիս Յարութիւնեան)...»։ Արդիւնքում 1907 թ. վանքն ամբողջովին թալանուեց, զրկուեց ողջ ոսկուց եւ արծաթից։ Աղթամարի կաթողիկոսական տեղապահ Յովսէփ եպիսկոպոս Սարաջեանին յաջողւում է կողոպուտից փրկել 1 մեծ եւ 4 փոքր խաչեր, կոտրուած 2 սկիհի աւազան, 2 թագ, 9 ժամարարի գօտի, 2 քշոց, 2 բուրվառ եւ մանր-մունր արծաթեղէն։ Այդ ամէնը, ինչպէս նշում էին ժամանակակիցները, եւ որի մասին տեղեակ էին թուրքերն ու քրդերը, կատարուել էր Իշխանի աչքի առաջ, ով 1904 թ. դարձել էր Գաւաշի շրջանի ՀՅԴ-ի ղեկավար։ Ըստ Ա. Եկարեանի դաշնակցականները Կարմրաւորի եւ Ս. Գրիգորի վանքերն իրենց ազդեցութեան ներքոյ առնելուց յետոյ նպատակայարմար գտան տիրանալ նաեւ Աղթամարին։ Այդ մասին նրանք տեղեկացրին Արսէն վարդապետին եւ յայտնեցին, որ Աղթամարն «...իր կեդրոնական ապահով դիրքովը, շատ յարմար էր իրենց գործունէութեան»։ Արսէն վարդապետը, կռահելով, որ դաշնակցականների նպատակը վանքի հարստութիւններին տիրանալն էր, հակառակւում է նրանց մտադրութեանը, քանի որ այն պատճառ պիտի դառնար կառավարութիւնում վանքի հանդէպ կասկածամիտ վերաբերմունքի խորացմանը։ Արդիւնքում Իշխանի 12 հոգանոց խմբի ձեռքով խողխողւում է Աղթամարի կաթողիկոսական տեղապահ Արսէն վարդապետ Մարգարեանը եւ նրա քարտուղար Միհրան Գէորգեանը, ով խուսափելով թուրքական կառավարութեան հետապնդումներից` ապաստանել էր Աղթամարում։ Կրկնակի ոճիրների պատճառը Աղթամարի վանքի հարստութիւններն էին։ Իշխանը Աղթամարի կաթողիկոսի վեհարանն իր համար դարձրել էր ամառանոց եւ իր մօտ երկու անառակ կին էր պահում։ «Իշխանական» սպառնալիքների պատճառով վանքի միաբանութիւնը չէր համարձակում որեւէ բողոք ներկայացնել եւ որեւէ ճիչ բարձրացնել։ Վահան Թէքէեանի հանրագրութեան մէջ նշւում էր, որ վերոյիշեալ արարքների հեղինակները արտասահմանից եկած յեղափոխական կուսակցութեան անդամներն էին։
Աւետիս Յարութիւնեան, «Հոգեւոր-կրօնական յարաբերութիւնները Վանի նահանգում եւ Աղթամարի վանքի կողոպտման խնդիրը», Էջմիածին, ամսագիր, Էջմիածին, Օգոստոս 2016, ՀԳ. տարի,, 2016, էջ 135-137
------
156
89. ՄԽԻԹԱՐ ԲԱՒՕԵԱՆ (ՄԽՕ) (սպանութիւն) Փետրուար 1908, Բուլանըխ գաւառի Կոփ գիւղ Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դ. Կովկասեան Ահաբեկիչ Մարմին
ՏԵՐՐՕՐ
Հ. Յ. Դ. ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կովկասեան Ահաբեկիչ Մարմնի վճռով ահաբեկումի ենթարկւեց Օսմանեան Հայաստանի Բուլանըխ գաւառի Կոփ գիւղացի Մխիթար Բաւօեան (Մխօ), իր կատարած մատնութիւնների, բռնաբարութիւնների եւ իր համագիւղացիների վրայ գործ դրած անլուր կեղեքումների համար։ Երկրի եւ Կովկասի դաշնակցական մարմինների հաղորդած տեղեկութիւններից, ինչպէս եւ կատարւած հարցաքննութիւններից երեւաց, որ Բաւօեան Մխիթարը Կոփ. Գիւղում իր երկարամեայ գրագրութեան միջոցին կատարած է, իմիջի այլոց, հետեւեալները. 1) Նորածին երեխաների ծնունդը մատնել է կառավարութեան գլխահարկի ենթարկելու համար նրանց։ Յղի կանանց արձանագրել տւած է, իբրեւ տղայ զաւակ բերողներ` նոյն նպատակով։ 2) Վաղուց մեռած մարդիկ իբրեւ ողջ յայտարարելով, նրանց տուրքը գանձել տւած է ազգականներից։ 3) Կոփ գիւղը ապաստանած բազմաթիւ ռշտունի պանտուխդները իբրեւ տեղացի արձանագրել տւած է, նրանցից տուրք առնելու համար։ Նրանց փախչելուց յետոյ, այդ արձանագրութեան զօրութեամբ, Կոփ գիւղը մինչեւ այսօր էլ վճարում է նրանց տուրքը։ 4) Օլամը միշտ բեռցնում էր խեղճ եւ աղքատ գիւղացիների վրայ։ 1899-ին գիւղացիներին ստիպեց ձրի փոխադրելու պետական ցորենը, եւ կառավարութիւնից ստացւած փոխադրագինը 15,000 ղրուշ ինքը գրպանը դրեց։ Երբ բողոքողներ եղան, նրանց մատնեց իբրեւ սուլթանին հայհոյողների։ 5) Տուրքերի հաւաքման ժամանակ, չունեցողներին ստիպում էր փոխ առնել զինւորներից, մէկ մէճիտի փոխարէն մէկ քիլէ ցորեն սալաֆ տալու պայմանով։ 6) Գրագրութիւնից երբ պաշտօնանկ եղաւ, կառավարութեան պարտք դուրս ելաւ մօտ 60,000 ղուրուշ, որը գանձւեց իր «երաշխաւորներից», որոնց կնիքները կեղծած էր, նրանց տունն ու արտերը ծախու հանւելով։ 7) Հարկահանութեան միջոցին, Մխօն միանալով հարկահանների հետ, կատարում էր ամեն տեսակ լրբութիւն անպաշտպան կամ այրի կանանց
157
նկատմամբ։ 8) Յականէ-յանւանէ յայտնի են բռնաբարութեան ինը դէպքեր, կատարւած Մխօի ձեռքով, վկաներով հաստատւած։ 9) Մխօն հալածում էր յեղափոխական երիտասարդներին, հմուտ լինելով նրանց բռնելու ժողովի միջոցին։ 10) Նրա մատնութեամբ իբր յեղափոխական բանտարկւեցին չորս գիւղացիք, որոնցից երկուսը մեռան բանտում, միւս երկուսը 101 տարւան բանտարկութեան դատապարտութիւն են կրում այժմս։ Ահաբեկիչ մարմինը, հիմնաւոր եւ ապացուցւած գտնելով բոլոր ամբաստանութիւնները, որոնց գլխաւորները միայն առաջ բերւած են այստեղ – արձակեց մահւան դատավճիռ։ 14 Փետրւար
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մարտ 1908, XVIII տարի, թիւ 3 (191), էջ 48
------
90. ՉՈՌՈՒ ՄԱՆՈՒԿ (սպանութիւն) 22 Ապրիլ 1908 Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կովկասեան Ահաբեկիչ Մարմին Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Չորրորդ Կ. Կօմիտէ
ԱԶԴ
Հ. Յ. Դ. ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերից Չոռու Մանուկ կոչւած անձը վաղուց իվեր մոռանալով իր կոչումը դարձել էր մի հասարակ սրիկայ, որը եւ իր կատարած հակակազմակերպչական եւ հակակուսակցական ընթացքի եւ Դաշնակցութեան անունը շահագործելուն համար, ենթարկւած էր բազմաթիւ նկատողութիւնների եւ նախազգուշացման։ Իսկ վերջին ժամանակներում շանտաժի գործերում մասնակցելու եւ մանաւանդ շանտաժիստներին կուսակցական զէնք մատակարարելու համար, Հ. Յ. Դ. Չորրորդ Կ. Կօմիտէի որոշումով յանձնւեց Կովկասեան Ահաբեկիչ Մարմնի դատին, որի կողմից եւ ենթարկւեց մահւան պատժին, որը գործադրւեց ապրիլի 22-ի երեկոյեան։ Սա մի աւելորդ խրատական փաստ թող լինի բոլոր նրանց, ովքեր կը
158
յանդգնեն կազմակերպութեան անունը շահագործել։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Մայիս 1908, XVIII տարի, թիւ 5 (193), էջ 80
------
91. ԴՀԵՐՑԻ ԴԱՒՕ (ԴԱՒԻԹ) (սպանութիւն) Ապրիլ-Մայիս 1908, Վան Հանգամանք` Դաւաճան Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութիւն
ՄԱՏՆԻՉ ԴԱՒՕՆ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ
Վերջին թղթաբերով Վանէն եկած նամակներ կ’աւետեն սատակումը մատնիչ Դհերցի Դաւօին, որ վիրաւորուելէն չորս օր յետոյ իր թունաւոր հոգին յանձներ է դժոխքի սատանաներուն։
Լուսաբեր, եռօրեայ, Գահիրէ, 16 Մայիս 1908, Դ. տարի, թիւ 521, էջ 1
ՄԵԾ ԴԷՊՔԵՐԸ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆՈՒՄ 1914-1915 ԹՒԱԿԱՆՆԵՐԻՆ
Ա-ԴՕ
Միմիայն հայ պաշտօնեաներին պաշտօնանկ անելով չը բաւականացաւ տաճիկ կառավարութիւնը. այլեւ ցոյց տւեց իր վերաբերմունքը նոր պաշտօնեաներ նշանակելու գործում։ Կը բերենք մէկ օրինակ։ Վանի կուսակալ Թահսին բէյը, որը համարւում էր կրթւած եւ շատ դէպքերում արդարամիտ մարդ, ռուս-տաճկական պատերազմի նախօրեակին նշանակւեց Էրզրումի կուսակալ, իսկ նրա տեղ նշանակւեց Բաշկալէի մութէսէրիֆ Ջէւդէտ բէյը, որը Էնվէր բէյի փեսան էր։ Ջէւդէտը նոր դէմք չէր, նա Վանի երբեմնի կուսակալ Թահար փաշայի որդին էր, մի սրիկա դէմք։ 1908 թւի սկզբում, սահմանադրութիւնից մի քանի ամիս առաջ, Դաշնակցութեան զինւորներից մէկը, անունը Դաւիթ, իր ընկերներից գժտւած, դիմեց մի ստոր միջոցի. կառավարութեանը մատնեց Դաշնակցութեան զէնքերի պահեստները։ Այդ միջոցին, կուսակալ էր Վանում մի ստոր արարած – Ալի բէյը, որը
159
սահմանադրութիւնից յետոյ պաշտօնանկ եղաւ եւ Կովկասի վրայով Պօլիս գնալիս, Բաթումի մէջ ընկաւ վրիժառու մէկ հայի գնդակով։
Ա-Դո, Մեծ դէպքերը Վասպուրականում 1914-1915 թւականներին, Երեւան, Տպարան Լոյս, 1917, էջ 76
ԵՂԾԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
ԳԱԲՐԻԵԼ ՍԵՐՈԲ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Դաւիթ Դհերցի կը հանդիսանար կարող եւ վստահելի անձ մը Վանի Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ։ Ան կը վայելէր տեղական Կոմիտէի վստահութիւնը եւ գիտէր համայնքի բոլոր գաղտնիքները։ Վերադառնալով Վան, իր նշանածը ծանրօրէն վարկաբեկուած կը գտնէ տեղւոյն դաշնակցական գլխաւոր առաջնորդ Արամի կողմէ։ Արամի հրամանով ան անմիջապէս կը զինաթափուի եւ կը բանտարկուի, բայց կը յաջողի փախչիլ։ Կատղած վրէժխդրութեան գաղափարներով, ան ամէն ինչ կը մատնէ թուրք կառավարութեան, որուն հետեւանքով կը ձերբակալուին բազմաթիւ անձեր եւ կը բռնագրաւուին համայնքի բոլոր զէնքերը։ 1908ի սկիզբները կը գնդակահարուի։ K. S. Papazian, Patriotism Perverted, Boston, 1934, p. 69
------
92. ԽԼԱԹՑԻ ԱՒԱԳ (ԱՌԻՒԾ), ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԵՒ ՄԱՒՐԱԿՑԻ ԳՐԻԳՈՐ (սպանութիւն) 17 Մայիս 1908, Կարս Հանգամանք` Դաւաճաններ Սպաննող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կովկասի Ահաբեկիչ Մարմին Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողով
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԱԶԴԵՐ
Հ. Յ. Դ. ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
Ընկերներ եւ քաղաքացիներ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովի ուշադրութիւնից վրի-
160
պած չէին այն բազմատեսակ վրդովիչ կեղեքումները, որոնց ենթակայ էր եւ է տակաւին մասամբ` Կարսի շրջանի հայ գիւղացիութիւնը մի խումբ ինքնակոչ «յեղափոխականների» կողմից։ Դրանց շարքում գտնւում էին նաեւ մի քանի նախկին դաշնակցականներ, որոնք շարունակում էին մութ անկիւններում շահագործել կուսակցութեան անունը։ Իրերի այս արգահատելի կացութեան մի դարման տանելու նպատակով, Ընդհ. Ժողովը մասնաւորապէս յանձնարարեց Հ. Յ. Դ. Կովկասի Ահաբեկիչ Մարմնին հարկաւոր միջոցները ձեռք առնել` մաքրելու Կարսի շրջանը այդ կեղեքիչներից։ Ահաբեկիչ Մարմինս ի լրումն անցեալ 1907-ի գարնան եւ ամառւան մէջ ձեռք առած արտակարգ միջոցներին` որոնք մասամբ միայն կարող էին զգաստացնել այդ չարագործներին, վերջերս դիմեց աւելի կտրուկ միջոցի։ Գրաւոր կերպով պահանջ դրւեց այդ զեղծարարների պարագլուխներից նշանաւորին` խլաթցի Աւագին (մականունով «Առիւծ») մինչեւ մայիս 20 հեռանալ իր խմբով դէպի Բաթում այնտեղ սպասելով Քննիչ Ատեանի հրաւէրին։ Հակառակ այն յօժարութեան որ Աւագը կանխաւ յայտնել էր թէ գրաւոր կերպով եւ թէ իր մէկ ազգականի միջոցով ենթարկւելու կազմակերպութեան որոշումներին – նա ո՛չ միայն մերժում է ատեանի հրաւէրը, այլ եւ հրապարակաւ կազմակերպութեան հասցէին։ Ուստի Ահաբեկիչ Մարմինս նկատելով, Որ Խլաթցի Աւագը իր գլխին հաւաքելով անգործների մի խմբակ չարաչար կեղեքում է գիւղացիներին Հ. Յ. Դաշնակցութեան լիազօր խմբապետի անունով, Որ նա կատարել է բազմաթիւ բռնաբարութիւններ, Որ նա կատարել է կամ մեղսակից է եղել անմեղների սպանութեան, Որ նա իր ներկայութեամբ Կարսի շրջանում քաջալերում է հակայեղափոխական եւ աւազակային տարրերի զարգացումը, Որ նա, հակառակ մինչեւ հիմա իրեն նկատմամբ ցոյց տրւած ներողամտութեան, ոչ միայն չէ ուղղւել, այլ օրից օր եւս աւելի լրբացել ու անբարոյացել, եւ իր շահատակութիւնների անպատիժ մնալովը, Վնասել Հ. Յ. Դաշնակցութեան հմայքին, Ահաբեկիչ Մարմինը միաձայն որոշեց մահւան պատժի ենթարկել նրան։ Մայիսի 17-ին ահաբեկիչների խումբը գործադրում է վճիռը հրացանազարկ անելով Աւագին եւ նրա երկու ընկերներին Համբարձումին եւ Մաւրակցի Գրիգորին, որոնք փորձում էին պաշտապնել նրան։ Յայտնելով այս բոլորը իլուր հասարակութեան, Ահաբեկիչ Մարմինս ներկայիս պահանջում եւ հրամայում է բոլոր նրա նմաններին, որոնք բոյն են դրել Կարսի շրջանում, անմիջապէս ձգել հեռանալ այդ շրջանից։ Հակառակ պարագային, այս առաջին ազդարարութիւնից յետոյ, նրանց անունները պիտի
161
հրատարակւին եւ նրանց նկատմամբ եւս ձեռք պիտի առնւին խստագոյն միջոցները։ Առիթից օգտւում ենք մի անգամ եւս յայտարարելու որ Դաշնակցութիւնը ոչ մի խմբապետի իրաւունք տւած չէ Կարսի շրջանի գիւղերում նստելով դատ վարելու, տուգանք ստանալու եւայլն։ Հրաւիրում ենք հասարակութեանը անխնայ հալածել եւ խփել բոլոր նոյն կարգի զեղծարարներին, որոնք գալիս են բռնի պահանջներ անելու, Դաշնակցութեան կամ յեղափոխութեան անունից։ Ժամանակ է վերջապէս որ հասարակութիւնը ինքն էլ կազմակերպւի իր սեփական ուժերով, պաշտպանելու իր գոյքն ու պատիւը ամեն տեսակ խաչագողների եւ դրամաշորթների դէմ. – որպէսզի Դաշնակցութեան ձեռք առած միջոցներն էլ պսակւին վերջնական յաջողութեամբ, ունենան տեւուն հանգամանք, վերահաստատելով Կարսի շրջանում նախկին խաղաղութիւնը եւ բեղմնաւոր աշխատանքը։ 20 մայիսի 1908 թ.
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Յունիս 1908, XVIII տարի, թիւ 6 (194), էջ 96
------
93. ՄԵՍՐՈՊ ՄԻՆԱՍԵԱՆ (սպանութիւն) 3 Նոյեմբեր 1908, Չերնոմորեան Նահանգի Լօօ գիւղ Հանգամանք` Դաւաճան Սպաննողներ` Հ. Յ. Դաշնակցութեան ահաբեկիչներ Կազմակերպող` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կովկասեան Ահաբեկիչ Մարմին
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԱԶԴԵՐ
Հ. Յ. ԴԱՇՆ. ԿՈՎԿ. ԱՀԱԲԵԿԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
Նոյեմբերի 3-ին Սօչիում Հ. Յ. Դաշնակցութեան ահաբեկիչների անվրէպ գնդակից մահւան մատնւեր Լօօ գիւղացի յայտնի մատնիչ Մեսրոպ Մինասեանը։ Տերրօրիստները ազատ են։ Այս Մեսրոպը ծանօթ եւ վաղեմի մատնիչ է. նա առաջինը սկիզբ դրեց մատնութիւններին համեմատաբար մաքուր ճանաչւած այդ շրջանում` դեռ 1905-ին մատնելով դրացիներին զէնք պահելու մէջ։ Թւում էր, թէ նախազգուշացումը բաւական պիտի լինէր յետ կենալու զզւելի
162
արհեստից, սակայն նա կազմակերպութեան առաջին քայլը թուլութեան նշան համարելով, սկսաւ աջ ու ձախ մատնութիւններ անել, անմեղներին բանտարկել տալ, աքսորի ենթարկել ու կաշառքներ վերցնել` միացած խուլիգան ու մեքենայ պաշտօնեաների հետ։ Իր զզւելի արհեստի մէջ անընդհատ յառաջադիմելով` ամբողջ Չերնօմօրեան նահանգում սարսափ տարածեց, գիւղական ժողովրդի առաջ այլասերման ճանապարհ բաց արեց, ճարպիկ գործակալ դառնալով սեւ րէակցիայի սեւ գործունէութեան։ Արդ, նա չքացաւ, որպէս մի զզւելի տիպ, մի աւելորդ անգամ եւս ապացուցանելով, որ մատնիչներին ու դաւաճաններին չկայ փրկութիւն յեղափոխականի արդար ու վրիժառու գնդակից եւ որ այդպիսիներն ուշ կամ կանուխ իրենց արժանի պատիժը պիտի կրեն։ Ո՛չ րէակցիան, ոչ էլ աշխատաւոր ժողովրդի թշնամի մի իշխանութիւն կարող է փրկել նրանց անդառնալի կորստից։ Թո՛ղ կորչեն մատնիչներն ու դաւաճանները։ Կեցցէ՛ աշխատաւոր դասի պաշտպան յեղափոխութիւնը։
Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1908, XVIII տարի, թիւ 11-12 (198), էջ 174
163
ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՀԱՓՈՐՁԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Տաճատ վարդապետ եւ Անաստաս (սպանութիւն) 2. Սուքիաս քահանայ (մահափորձ) եւ Խաչիկ Պետրոսեան (սպանութիւն) 3. Եագուպ Պալապանեան եւ Տիգրան Ամիրճանեան (սպանութիւն) 4. Արսէն Թոխմախեան (սպանութիւն) 5. Խաչատուր Կերեկցեան (սպանութիւն) 6. Սարկաւագ եւ ուրիշներ (սպանութիւն) 7. Հաճի Կարապետ (սպանութիւն) 8. Աշըգեան պատրիարք (մահափորձ) 9. Մաքսուտ Սիմօն պէյ (մահափորձ) 10. Խաչիկ Բախալեան (սպանութիւն) 11. Արտաշէս (սպանութիւն) 12. Հաճի Տիգրան (մահափորձ) 13. Մկրտիչ Թիւթիւնճիէֆ (սպանութիւն) 14. Կարապետ Ոսկերիչեան (սպանութիւն) 15. Սարգիս Քիրէմիտճեան (սպանութիւն) 16. Մամբրէ Պէնլեան (սպանութիւն) 17. Համբարձում Ուղուրլեան (սպանութիւն) 18. Յակոբ Արապեան (մահափորձ) 19. Սենեքերիմ Ուղուրլեան (սպանութիւն) 20. Յովհաննէս աղա Տէր Պօղոսեան (սպանութիւն) 21. Սօսունի (մահափորձ) 22. Յարութիւն Տէր-Սարգսեան (սպանութիւն) 23. Տ. Բարսեղ (սպանութիւն) 24. Արփիար Արփիարեան (մահափորձ) 25. Տիգրան Գարակէօզեան (սպանութիւն) 26. Պօղոս եպիսկոպոս (սպանութիւն) 27. Կարապետ Նալբանդեան (սպանութիւն) 28. Սեդրաք Յակոբ Աշըգպաշեան (սպանութիւն) 29. Մարգար (հա՞յ թէ ասորի) (սպանութիւն) 30. Յովհաննէս (սպանութիւն) 31. Մկրտիչ (մահափորձ)
3
5 5 5 9 10 11 12 12 14 17 24 28 31 34 39 41 42 46 47 47 48 49 50 50 51 53 58 59 60 61 62 63
165
32. Կարապետ Աճէմեան (սպանութիւն) 33. Կոմիտաս քահանայ (սպանութիւն) 34. Գէորգ Պագգալեան, Մուրատ էֆ. եւ Խաչօ (սպանութիւն եւ մահափորձ) 35. Պօղոս Կոշտեանց (սպանութիւն) 36. Ռէս Բարսեղ (սպանութիւն) 37. Ստեփան եւ Խուս Առաքել (սպանութիւն) 38. Կարապետ վարդապետ Եսայեան (սպանութիւն) 39. Տիգրան Յարութիւնեան (սպանութիւն) 40. Գեղաշէնցի Աւէ, Շէնըքցի Կարապետ Առքօյեան եւ ուրիշներ (սպանութիւն) 41. Սօղօ Մելքօն Քէօսէեան (սպանութիւն) 42. Մելքօն Քէօսեան (սպանութիւն) 43. Գարեգին Տէր-Մանիկեան (սպանութիւն) 44. Խարըսըղ Կարապետ եւ Պօյաճի Գալուստ (սպանութիւն) 45. Մատթէոս Պալէօզեան, Մաքսուտ Ասլանեան եւ Գարեգին (սպանութիւն) 46. Իսահակ Ժամհարեան (սպանութիւն) 47. Թարխանեան (սպանութիւն) 48. Յարութիւն Ադամեան եւ Ջանփօլադեան (սպանութիւն) 49. Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեան (մահափորձ) 50. Խաչիկ Սէմէրճեան (սպանութիւն) 51. Արփիար Արփիարեան (մահափորձ) 52. Մխօ Շահէն (սպանութիւն) 53. Դարմօ (սպանութիւն) 54. Ներկարար Ծատուր եւ Խայըրսըզ Կարապետ (սպանութիւն) 55. Գարեգին Չիթճեան (սպանութիւն) 56. Ստեփան Սապահ-Գիւլեան (մահափորձ) 57. Ռէս Սհակ (սպանութիւն) 58. Աւագ (սպանութիւն) 59. Աւետիս Նազարբէկեան (մահափորձ) 60. Սագունի (Սաղաթէլ Գէորգեան) (սպանութիւն) 61. Ռէս Գրիգոր (սպանութիւն) 62. Համր (Արամ Գրիգորեան) եւ Որսորդ (Տիգրան Իզմիրեան) (սպանութիւն) 63. Տիգրան Գէորգեան (սպանութիւն) 64. Կարապետ Մարտիրոսեան (սպանութիւն) 65. Կիրակոս Պետրոսեան (սպանութիւն) 66. Մ. Աբրահամեանց (սպանութիւն)
166
65 65 66 66 67 67 68 68
69 70 70 71 71
72 73 77 77 78 84 84 88 104 104 105 110 114 115 115 116 119
120 121 122 122 123
67. Պօղոս եւ Վահան Դակօեան (սպանութիւն) 68. Արգօ (սպանութիւն) 69. Իրիցու Յակոբ (սպանութիւն) 70. Կիրակոս, Կօստ եւ վերջինին ընկերը (սպանութիւն) 71. Խաչատուր Կախեան (սպանութիւն) 72. Կարապետ Մարտիրոսեան (սպանութիւն) 73. Արշակ (սպանութիւն) եւ Հայրապետ (մահափորձ) 74. Միւքօ, Փօլիս Մխիթար եւ Փօլիս Մուրադ էֆէնտի (սպանութիւն) 75. Տէր-Սահակով (սպանութիւն) 76. Աբիկ Ունճեան (սպանութիւն) 77. Թաթվանցի Բղդօ եւ Ջրհօրցի Գրիգոր (սպանութիւն) 78. Մելիք Յակոբ Քանքանեան (սպանութիւն) 79. Յակոբ Գրիգորեան (սպանութիւն) 80. Սմբատ Սեւոսեան (սպանութիւն) 81. Գէորգ Չաւուշ (սպանութիւն) 82. Միհրան, Կոփեցի Խէչօ եւ Վարդապետեան (սպանութիւն) 83. Առստամ Զէտկանց, Աբրահամ, Միքայէլ Ղազարեան եւ Ասլանիկ (սպանութիւն) 84. Յովհաննէս Թաւշանճեան (սպանութիւն) 85. Յակոբ Չէրչեան (սպանութիւն) 86. Վարդօ (սպանութիւն) 87. Արփիար Արփիարեան (սպանութիւն) 88. Միհրան Գէորգեան եւ Արսէն վարդապետ Մարգարեան (սպանութիւն) 89. Մխիթար Բաւօեան (Մխօ) (սպանութիւն) 90. Չոռու Մանուկ (սպանութիւն) 91. Դհերցի Դաւօ (Դաւիթ) (սպանութիւն) 92. Խլաթցի Աւագ (Առիւծ), Համբարձում եւ Մաւրակցի Գրիգոր (սպանութիւն) 93. Մեսրոպ Մինասեան (սպանութիւն)
124 124 125 125 126 126 127 128 128 130 133 133 134 134 135 139
140 141 150 151 151 154 157 158 159
160 162
167
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 2016
Յաւելուած Ա. Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ
Յաւելուած Բ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ` յիշողութիւն եւ մարտահրաւէր (դասախօսութիւն) Յաւելուած Գ. Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր` Հ. Աւագեան
Յաւելուած Դ. Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը
2017
Յաւելուած Ե. Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան
Յաւելուած Զ. Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան
Յաւելուած Է. Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան 168
Յաւելուած Ը. Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքի ուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան
Յաւելուած Թ. Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (1940-1948), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան Յաւելուած Ժ. Տիրան Կարապետեան. յօդուածներ իր մասին, նկարներու ալպոմ, (ծննդեան 135-ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հ. Աւագեան
Յաւելուած ԺԱ. Վանիա Էքսէրճեան. բազմերանգ աշխարհ մը համակ կենսունակութեամբ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան
2018
Յաւելուած ԺԲ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Ա.- Հայկ Աւագեան, Արփիար Արփիարեանի սպանութիւնը
Յաւելուած ԺԳ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Բ.- Արփիար Արփիարեանի լոնտոնեան թղթածրարը Գահիրէի մէջ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան
Յաւելուած ԺԴ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Գ.- Մարդը ընդդէմ մարդու. մահափորձեր եւ սպանութիւններ հայկական օրինակով (1890-1908), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան
169