ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
ԵՐԿԵՐ ԵՐԵՔ ՀԱՏՈՐՈՎ
Ա. ՀԱՏՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց`
ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԱ. ԳԱՀԻՐԷ 2020
ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
ԵՐԿԵՐ ԵՐԵՔ ՀԱՏՈՐՈՎ
Ա. ՀԱՏՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԱ. ԳԱՀԻՐԷ 2020
Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան
Այս գիրքը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։
Ստանալու համար դիմել` tchahagir@journalist.com
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Կու գամ անկեղծ երախտագիտութիւնս յայտնելու Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարչութեան ատենապետ Վիգէն Ճիզմէճեանին եւ գրադարանավարուհի Սիլվա Ղազէլեանին, որոնց բարեհաճ արտօնութեամբ առիթ ունեցայ ծանօթանալու մասնաճիւղին մէջ պահուող Տիգրան Գէորգեանի անձնական գրադարանին եւ դիւանին նիւթերուն։ Շնորհակալութիւն Ջահակիրի խմբագիր Մարտիրոս Պալաեանին, որ տրամադրեց իր մօտ պահուող Գէորգեանի անտիպ աշխատութեան մը բնագիրը եւ այլ յարակից նիւթեր, եւ ամբողջ աշխատանքի ընթացքին թիկունք կանգնեցաւ յաղթահարելու թեքնիքական ու հրատարակչական խնդիրներ։
Հ. Ա.
3
ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ` ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՆԱՍԷՐԸ
Բանասէր եւ մատենագէտ Տիգրան Գէորգեան կը պատկանի եգիպտահայ մտաւորականներու անհետացող սերունդին, սերունդ մը` որ չունեցաւ իր յաջորդը։ Զաւակը Գէորգ եւ Նուարդ Գէորգեաններու` ծնած է 1936 Յունուար 6-ին, Գահիրէ։ 1941-1950-ին կը յաճախէ Գահիրէի Գալուստեան Ազգային Վարժարանը, ուսուցիչներ ունենալով` Լեւոն Աճէմեան, Յովսէփ Թիւթիւնճեան, Երուանդ Չերքէզեան եւ ուրիշներ։ 1950-1951-ին կ’ուսանի իտալական Տոն-Պոսքօ արհեստագիտական վարժարանը։ Այնտեղէն ստացած միակ օգուտը կ’ըլլայ իտալերէն լեզուի իմացութիւնը, որ մեծապէս օգտակար պիտի ըլլար յետագայ տարիներուն։ Իբրեւ գիշերօթիկ սան, 1951-1955-ին կ’ուսանի Վենետիկի վերաբացուած Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանը, ուսուցիչներ ունենալով` Հ. Մեսրոպ Ճանաշեան, Հ. Եղիա Փէչիկեան եւ ուրիշներ։ Յետագային, Գէորգեան պիտի յիշէր վենետիկեան տարիները. Գիտա-մանկավարժական հարուստ փորձ ունէր, երբ 1951 թ. Հայր Մեսրոպ Վրդ. կը ստանձնէր նոր վերաբացուած Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանին տեսչութիւնը։ Սփիւռքահայ գլխաւոր գաղթօճախներէն ուսանողներ հաւաքուած էին այնտեղ եւ օրէ օր նորեր կը հասնէին։ Ակադեմական առաջին տարեշրջանին` Մերձաւոր Արեւելքէն կային միայն հինգ ուսանողներ, որոնցմէ երեքը կարճ ժամանակ ետք վերադարձան իրենց տեղերը։ Նոյն տարուան Հոկտեմբերի 16-ին, աշնանային պայծառ օր մը, Արեւելքէն ժամանող պատանիները ներկայացան տեսչարան եւ արժանացան հայրական սիրալիր ընդունելութեան։ Տղոցմէ չորսը` «Մխիթարեան Վարժարան»ներէ կու գային. միայն մէկը ազգային վարժարանէ էր` անընտել կրօնական դաստիարակութեան։ Առաջին սրտբաց խօսակցութիւնը եւ Տեսուչ Հօր ակներեւ համեստութիւնը` պատկառանք ներշնչեցին Հ. Մեսրոպ Վրդ.ին նկատմամբ։ Այդ տպաւորութիւնը խորացաւ եւ հաստատուեցաւ յաջորդական քանի մը տարիներու ընթացքին1։ Կրօնական դաստիարակութեան «անընտել»-ը ինքն էր։ Վերադառնալով Գահիրէ, իր նպատակն էր ուսումը կատարելագործել
5
Եւրոպա, ինչպէս կը բացատրէ Աւետիս Եափուճեան. 1955 թուականին, վերադառնալով Գահիրէ` զինուած հայագիտական նիւթերով, որոնք իր առջեւ կը սահմանափակէին ասպարէզի ընտրութիւնը, թէեւ պատանին երկու տարի կ’ապրէր այն յոյսով, որ Եւրոպայի մէջ պիտի կարենար գրական ճիւղին մէջ բարձրագոյն ուսում մը ստանալ։ Սակայն, կրթաթոշակները ապրուստի բաւարարութիւն չէին տար, իսկ իր ծնողքին նիւթական միջոցները այնքան լայն չէին, որ կարենային այսպիսի շքեղութիւն մը թոյլ տալ իրենց2։ 1957-1959-ին կը վարէ Արեւ օրաթերթի օգնական խմբագիրի պաշտօնը, Նուպար Պէրպէրեանի խմբագրապետութեան շրջանին։ 1960-ին կը սկսի իր մանկավարժական ասպարէզը Գալուստեան Ազգային Վարժարանին մէջ` իբրեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ։ Դպրոցական մանկավարժութիւնը կը դառնայ ողջ յետագայ կեանքի ապրուստի միակ միջոցը, ապահովելով ամսական մնայուն, թէեւ կենցաղը հազիւ բաւարարող եկամուտ մը։ 1962 Յունիսին Գահիրէի մէջ կը մահանայ Արշակ Ալպօյաճեան։ Յետագային, Գէորգեան պիտի յիշէր. Հաւանաբար Հայաստան այցելութեան առիթով` Ալպօյաճեան կարգադրած ըլլայ յետ մահու իր անձնական գրադարանը եւ արխիւային ճոխ նիւթերը նուիրել Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւնների Ակադեմիայի Ֆունդամենտալ Գրադարանին։ Որպէս իրատես եւ գործնական մարդ, ան կտակը պատրաստած եւ կտակակատար կարգած էր իր ձեռնասուններէն` Պ. Արտաշէս Գարտաշեանը։ Կարգադրութիւնը` նախատեսուածին պէս, ճիշտ եղած էր։ Մահէն ետք, օրինական բոլոր ձեւակերպութիւնները վերջացնելով, կտակակատարը յաջողեցաւ գիրքերու ամբողջ հաւաքածոն ու ձեռագիրներու տրցակները 24 սնտուկներու մէջ տեղաւորել եւ ապահով Հայաստան փոխադրել տալ 1965ին, շնորհիւ Գահիրէի Ազգ. Իշխանութեան նիւթական աջակցութեան։ Պ. Գարտաշեանի անխոնջ ջանքերուն մասնակից եղաւ Արեւի նախկին խմբագիրը` Պ. Էտմոն Կոտալազեան (Երուանդ Ազատեան)3։ Միայն կը մոռնայ յիշելու, որ ցուցակագրութեան եւ նիւթերու դասաւորութեան ամբողջ աշխատանքին ինք եւս կը բերէ իր անխոնջ մասնակցութիւնը, միաժամանակ, ականատես ըլլալով նիւթերու «թալան»-ին, օգտագործած ըլլալու համար իր արտայայտութիւնը` զոր անձամբ լսած եմ իրմէ։ 1969 Ապրիլ 27-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ տեղի կ’ունենայ իր պսակադրութիւնը ասմունքողուհի Սեդա Ճիզմէճեանի հետ, դուստրը Արեւի աշխատակից` ատամնաբոյժ Եդուարդ Ճիզմէճեանի4։ 1970-ին կը ծնի իրենց անդրանիկ որդին` Արա (այժմ բնակութիւն հաստատած Իտալիա)։
6
1971-1972 տարեշրջանին իր խմբագրութեամբ լոյս կ’ընծայուի Գալուստեան Ազգային Վարժարանի աշակերտութեան Ուղի կիսամեայ հանդէսին երկու համարները (իւրաքանչիւրը` 20 էջ)։ 1972 Սեպտեմբեր – 1973 Յունիսին կը գտնուի Երեւան` իբրեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Արսէն Տէրտէրեանի անուան Հայ Գրականութեան Ամբիոնի սթաժէօր: Այս շրջանին առիթ կ’ունենայ հետազօտութիւններ կատարել Մաշտոցի անուան Մատենադարանին, Ակադեմիայի գրադարանին, Միասնիկեանի անուան հանրային գրադարանին եւ Համալսարանի գիտական գրադարանին մէջ եւ նոր ատաղձով վերադառնալ Գահիրէ։ Կը շարունակէ դասաւանդութիւնը Գալուստեանի մէջ։ Լոյս կ’ընծայէ աշակերտութեան Ուղի պարբերական հանդէսի 1973-1974 տարեշրջանի համարը (68 էջ), որ կ’ըլլայ վերջինը։ 1974-ին կը ծնի երկրորդ (վերջին) զաւակը` Արմէն։ 1978 Յուլիս 16-ին, Հելիոպոլսոյ Կոկանեան Սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ տարեկան պաղպաղակասեղան` ի պատիւ հայ շրջանաւարտներուն։ Օրուան նախագահութիւնը կը յանձնուի Գէորգեանին, իբրեւ հայերէն լեզուի աւագ ուսուցիչ5։ Նկատի ունենալով իր բնակավայրը Հելիոպոլիս, 1978-ին կը յաջողի ուսուցչական պաշտօնը փոխադրել Նուպարեան Ազգային Վարժարան, ուր կը մնայ մինչեւ 1996։ Այնտեղ` 1978-1980-ին, բարեբախտութիւն ունեցած եմ Պատրաստականի (Է’տատէյա) վերջին երկու տարիներուն (մինչեւ իմ մուտքս Գահիրէի Երաժըշտանոցը) աշակերտել իրեն։ Ոչ մէկ կերպով ան կը նմանէր ուրիշներու։ Ունէր բամբ ու զօրեղ ձայն մը` տառերու կշռուած արտասանութեամբ եւ շեշտուած արտաբերումով։ Հայերէն լեզուի առոգանութիւնը մեծապէս ազդած էր վրաս։ Ծանրաքայլ, պատկառազդու անձնաւորութիւն մը` ոչ այնքան հաղորդական, բայց պարտադրող անհատականութեամբ, ան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր ինծի։ Կը քաջալերէր ինծի գրել արտադասարանային նիւթեր, զորս մանրամասնօրէն կը սրբագրէր։ Նուպարեանի շրջանին լոյս ընծայած է աշակերտական Արեգ պարբերական տեղեկատուի 1978-1979 եւ 1979-1980 տարեշրջաններու երկու համարները։ 1981-ին կը հրատարակէ իր առաջին գիրքը` Հ.Բ.Ը.Մ. Պատմական ակնարկ իր ադամանդեայ յոբելեանին առիթով (Հրատարակութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Եգիպտոսի Շրջանակին)։ Նոյն տարին կը ստանձնէ Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Եգիպտոսի շրջանի պաշտօնաթերթ` Տեղեկատու եռամսեայի խմբագիրի պաշտօնը։ Կը յաջողի լոյս ընծայել ընդամէնը մէկ թիւ (Մայիս-Դեկտեմբեր 1981, ԻԴ. տարի), քանի որ պետական ձեւակերպումները պիտի խոչընդոտէին անոր հրապարակումը։ Ինչպէս 15 տարի ետք պիտի տեղեկացուէր`
7
àõÕÇ« ÏÇë³Ù»³Û ѳݹ¿ë ¶³Éáõëï»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý« 1971-1972 ï³ñ»ßñç³Ý« ¿ç 1-20
8
àõÕÇ« ÏÇë³Ù»³Û ѳݹ¿ë ¶³Éáõëï»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý« 1972-1973 ï³ñ»ßñç³Ý« ¿ç 21-40
9
àõÕÇ« ÏÇë³Ù»³Û ѳݹ¿ë ¶³Éáõëï»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý« 1973-1974 ï³ñ»ßñç³Ý
10
²ñ»·« å³ñµ»ñ³Ï³Ý ï»Õ»Ï³ïáõ Üáõå³ñ»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý« 1978-1979 ï³ñ»ßñç³Ý« ÃÇõ 1
11
²ñ»·« å³ñµ»ñ³Ï³Ý ï»Õ»Ï³ïáõ Üáõå³ñ»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý« 1979-1980 ï³ñ»ßñç³Ý« ÃÇõ 1
12
Щ´©À©Ø© ä³ïÙ³Ï³Ý ³ÏݳñÏ Çñ ³¹³Ù³Ý¹»³Û Ûᵻɻ³ÝÇÝ ³éÇÃáí« 1981
13
Տեղեկատուն 15 տարի առաջ կը դադրէր, պետական միջամտութեամբ, քանի որ շրջանէ մը ի վեր, տպագրական թէ խմբագրական դժուարութիւններու պատճառով, թերթը կանոնաւոր պարբերականութեամբ լոյս չէր տեսներ6։ 1982-ին կը հրապարակէ Արեւ օրաթերթի վերջին յօդուածը։ Այս լրագիրին մէջ ան սիրայօժար (սիրայօժար կը նշանակէ` անվճար) հրատարակած էր իր կարեւորագոյն ուսումնասիրութիւնները։ Շուրջ 15 տարի` 1967-1982, այնտեղ ստորագրած էր աւելի քան 40 ուսումնասիրութիւններ, մատենագիտական ցանկեր, գրախօսականներ եւ քննախօսականներ։ Այնտեղ կը գտնենք հետազօտութիւններ նուիրուած` մամուլին (եգիպտահայ մամուլ, Արաքս կիսամսեայ, հայ ձեռագիր մամուլ), Սասունցի Դաւիթ էպոսին, Մխիթարեաններուն, Խորհրդահայ գրականութեան, Նուպար փաշային, Մխիթար Սեբաստացիին, Կոլոտ Յովհաննէս Պատրիարքին, միջնադարեան զանազան նիւթերու եւ այլն։ Աւետիս Եափուճեանի խմբագրապետութեան աշխոյժ տարիներն էին։ Ան իր էջերը բացած էր Գէորգեանի առջեւ, քաջ իմանալով, որ լուրջ յօդուածներու ընդգրկումը առաւելութիւն մըն էր նախ եւ առաջ լրագիրին համար։ Վարչական խզումի մը պատճառով (Եափուճեանի տնօրինութենէն անդին գտնուող), 1982-էն ետք վերջնականապէս կը դադրին Գէորգեանի գրութիւնները Արեւի մէջ։ Այսպէս, 1983 Փետրուար 13-ին, Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ դահլիճին կը կայանայ Շնորհալի Երգչախումբի խմբավար Եդուարդ Յակոբեանին եւ անդամներուն ի պատիւ պատուասիրութիւն, ուր Գէորգեան կը կարդայ իր խօսքը։ Արեւի վարչութիւնը (ոչ խմբագրութիւնը) կը մերժէ զայն տպագրել։ Պատճառը ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան եւ Յակոբեանի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած խոր անհամաձայնութիւնն էր։ Արեւ` որ բանիմաց խմբագրապետ Աւետիս Եափուճեանի ջանքերով ստանձնած էր եգիպտական ֆրանսերէն լրագիրներուն մէջ հայերուն մասին լոյս տեսած բոլոր գրութիւներուն եւ քննախօսականներուն թարգմանութիւնը, կը մերժէ Յակոբեանի վերջին համերգին թարգմանութիւնները կատարել։ Բացի հակիրճ տեղեկատուութենէ7, Արեւ չի գրեր իր սովորական մանրամասն քննախօսականը։ Այս պարտականութիւնները կը փոխադրուին Ջահակիրին8, իսկ Գէորգեանի խօսքը` հինգ յաջորդական թիւերու մէջ, կը տպագրէ Յուսաբեր9։ Թէեւ ասիկա սկիզբ մը չէր ելոյթ ունենալու Յուսաբեր լրագիրին մէջ, բայց վերջնական խզում մըն էր Արեւի հետ։ Կ’անգիտանամ, եթէ եղած են նաեւ խզումի այլ պատճառներ։ Աւելի քան 15 տարի (1983-1998) Գէորգեանի ստորագրութեամբ յօդուած լոյս չի տեսներ եգիպտահայ մամուլին մէջ։ Այս շրջանը, արդարեւ, կը պսակուի երկու հիմնարար հատորներու հրատա-
14
րակութեամբ։ 1985-ին, Արմենական Կուսակցութեան 100-ամեակին առիթով, տպագրութեան պատրաստած էր կուսակցութեան նուիրուած Միքայէլ Նաթանեանի անտիպ աշխատութիւնը, զոր կարելի կ’ըլլայ տպագրել հինգ տարի ետք` 1990-ին։ Հրատարակութեան հովանաւոր Հայ Ազգային Հիմնադրամի ստորագրած «Յառաջաբան»-ին մէջ կը կարդանք. Յայտնենք նաեւ, որ Նաթանեանի մենագրութիւնը ծրագրուած էր հրատարակել Արմենական Կուսակցութեան հարիւրամեակին` 1985-ին։ Դժբախտաբար աննախատեսելի դժուարութիւններ պատճառ եղան հրատարակութեան յետաձգումին10։ 1992 Մայիս 23-ին, Պըլըքտանեան Սրահին մէջ կը կայանայ` Մեծարանքի երեկոյ վաստակաշատ գործօն ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, կազմակերպութեամբ Գահիրէի Ազգային Առաջնոդարանին11։ «Գործօն» բառը առաջարկած էր Գէորգեան` հայ ուսուցիչի կրաւորականութիւնը մերժելու միտումով։ Իր ելոյթին մէջ ըսաւ` որ եգիպտահայ ուսուցիչը, համեստ ըլլալուն, ամպիոն չէ ունեցած եւ չէ կրցած ինքզինք ճանչցնել12։ Ելոյթը, արդարեւ, զայրոյթի եւ յուզումի իրական արտայայտութիւն մըն էր։ Եգիպտահայ բեմերուն համար անսպասելի բռնկումով ան մեղադրեց պատասխանատու մարմինները հայ ուսուցիչը անտեսելու համար։ Յուզումէն նոյնիսկ կանգ առաւ եւ դժուարութեամբ վերսկսաւ իր խօսքը։ Յառաջացած մթնոլորտը խիստ լարուած էր։ Նման հրապարակային ցնցումներու չէ վարժուած եգիպտահայութիւնը։ 1994 թուականը հայ պարբերական մամուլի 200-ամեակն էր։ Նոյեմբեր 3-ին, Գահիրէի Ալ-Հանակէր արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի կ’ունենայ մամուլի մեծ ցուցահանդէս, որուն նախնական գաղափարը կը պատկանէր Գէորգեանին։ Պերճ Թէրզեան կը տեղեկացնէ. 1991-ի աշնանամուտին օր մը եգիպտահայ մտաւորական, ուսուցիչ եւ մատենագէտ տիար Տիգրան Գէորգեան ուրբաթօրեայ իր հերթական այցելութիւններէն մէկը տուաւ ինծի։ Տիար Գէորգեան այդ օր սովորականէն լաւ տրամադրութեան մէջ էր։ [...] Խօսակցութեան ընթացքին ան դիտել տուաւ թէ երեք տարի յետոյ` 1994-ին, պիտի լրանար հայ պարբերական մամուլի անդրանիկ օրկանին` Ազդարարի հրատարակութեան 200-ամեակը եւ յարմար պիտի ըլլար որ եգիպտահայ գաղութը պատշաճօրէն նշէ այդ եղելութեան երկրորդ դարադարձը13։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովի կազմակերպութեամբ կը կազմուի նախաձեռնող յանձնախումբ, որուն կը մասնակցին` Հ.Բ.Ը.Մ.-էն
15
ØÇù³Û¿É ܳóݻ³Ý« ²ñÙ»Ý³Ï³Ý Ïáõë³ÏóáõÃÇõÝÁ© ͳ·áõÙ¿Ý ëÏë»³É ÙÇÝã»õ ê³Ñٳݳ¹ñ³Ï³Ý è³Ùϳí³ñ Îáõë³Ïóáõû³Ý ϳ½ÙáõÃÇõÝÁ« 1990
16
զատ, Հայ Ազգային Հիմնադրամը, Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութիւնը, Հայկական Ընթերցասրահը եւ Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Մարմինը։ Անոնց կը միանայ Գէորգեան` անկախ մասնագէտի հանգամանքով։ Մինչ այդ, նորանկախ Հայաստանը կ’ունենայ դեսպանատուն Եգիպտոսի մէջ։ Դեսպան Էդուարդ Նալբանդեանին կը յանձնարարուի կատարել ցուցահանդէսին բացումը, որ, իր կարգին, կը հրաւիրէ Հնդկաստանի դեսպան Արունտհատի Կոշը, այն հիման վրայ` որ հայերէն առաջին պարբերականը` Ազդարար, լոյս տեսած է Մատրասի (Հնդկաստան) մէջ։ Ցուցահանդէսի նմոյշներուն հիմնական մասը կազմուած էր Սուրէն Պայրամեանի հաւաքածոյէն։ Գէորգեան իր անձնական հաւաքածոյէն կատարած էր լրացումներ։ Կային նաեւ այլ անհատներու սեփական ցուցանմոյշներ։ Պատրաստուած էին լուսաբանական եւ տեղեկատուական տախտակներ, հայ թերթերու քարտէս` 200 տարուայ թաւալումով (պատրաստութիւն Սուրէն Պայրամեանի)։ Կը հրատարակուին նաեւ 16 էջէ բաղկացած գրքոյկներ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով, խմբագրութեամբ Գէորգեանի14։ Դէպք մը, սակայն, կը զայրացնէ Գէորգեանը։ Նալբանդեան` իր սովորական ինքնակոչ խոյանքներով, վերջին պահուն կ’որոշէ Յանձնախումբին պատրաստած գրքոյկները` որոնց խմբագրութեան համար կեդրոնական դեր խաղացած էր Գէորգեան, փոխարինել դեսպանատան կողմէ վերաշարադրուած հակիրճ թերթիկով մը, յառաջացնելով Գէորգեանի արդար զայրոյթը։ Թէրզեան կու տայ մանրամասնութիւններ. [...] Ցուցահանդէսին առիթով պատրաստուած էին հայ մամուլին մասին յատուկ պրակներ (փոքրադիր 16 էջ) հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Այս պրակները ունէին համանման բովանդակութիւն։ Ցուցահանդէսին օրը, բացումէն առաջ, ՀՀ-ի դեսպանը ինծի տեղեկացուց, թէ ինք յարմար չէր դատած պատրաստուած պրակներուն մէջ, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի վերաբերեալ կենսագրական կարգ մը ողբերգական մանրամասնութիւներու յիշատակումը15։ Հետեւաբար, դեսպանութիւնը պատրաստած էր անգլերէն պրակէն քաղուած տուեալներով աւելի ամփոփ (մեքենագիր 2 էջ) տարբերակ մը, որմէ զեղչուած էին յարմար չնկատուած բաժինները։ ՀՀ-ի դեսպանը թելադրեց Յանձնախումբին պատրաստած անգլերէն պրակները, գէթ Ցուցահանդէսին առաջին օրը, այցելուներուն չբաժնել եւ անոնց փոխարէն բաժնել դեսպանատան պատրաստած տարերակը։ Երբ տիար Գէորգեան տեղեկացաւ վերջին պահուն կատարուած այս կարգադրութեան, չափազանց սրդողեցաւ եւ եղածը «բանագողութիւն» հռչակեց։ Զինք հանդարտեցնելու փորձերս եւ իրեն տուած բացատրութիւններս, չկրցան զինք տարհամոզել։ Տիար Գէորգեան այդ երեկոն անցուց թունաւորուած տրամադրութեամբ առանց կարենալ լիովին ըմբոշխնելու երկար ամիսներու իր տքնաջան աշխատանքին արդար արդիւնքը։ ՀՀ-ի դեսպանութեան դիւանագիտական նկատումները եւ տիար Գէորգեանի բանասիրական բծախնդիր
17
եւ անհպելի ճշգրտութիւնը, այս պարագային իրարու ներհակ բեւեռներու վրայ կը գտնուէին16։ Գէորգեան տարիներ շարունակ չկրցաւ մարսել այս արարքը։ Ցուցահանդէսին զուգահեռ, Գէորգեան կը փորձէ կազմել Եգիպտոսի մէջ գտնուող հայկական մամուլի ամբողջական ցանկ մը։ Այս նպատակով Հ.Բ.Ը.Մ.ն կը տպագրէ մատենագիտական թերթիկներ, որոնք կը բաժնուին եգիպտահայ գրադարաններու եւ զանազան անհատներու, զանոնք լրացնելու համար։ Թէեւ ծրագիրը կ’ունենայ քանի մը անհատներու դրական ու գործնական արձագանգը, բայց, ընդհանուր առմամբ, անկարելի կ’ըլլայ գրադարաններուն եւ մեծ հաւաքածոներուն ցանկերը ստանալ, աշխատանքի ծաւալին պատճառով։ 1995-ին հրապարակ կու գայ Գէորգեանի երրորդ գիրքը, որ ծաւալուն մատենագիտութիւն մըն է նուիրուած հայկական հարցին եւ հայկական կոտորածներուն («Հայկական հարց»-ը եւ հայկական կոտորածները. համապարփակ մատենագիտութեան փորձ), համահեղինակ ունենալով Յակոբ Անասեան։ 1996-ին կը բոլորէ իր վաթսունամեակը եւ ըստ պետական սահմանակարգի կ’անցնի թոշակի` դադրելով դասաւանդել Նուպարեան Վարժարանին մէջ։ Պետական թոշակառուին արտօնուած է զբաղիլ ժամավճարային աշխատանքով։ Գալուստեան եւ Նուպարեան վարժարաններու բազմաթիւ հայ ուսուցիչներ` պետականօրէն թոշակի անցնելէ ետք, շարունակած են դասաւանդել` կրկնապատկելով իրենց ամսական եկամուտը։ Գէորգեանի պարագային, սակայն, եգիպտահայ պատկան մարմինները կը վերջացնեն համագործակցութիւնը իր հետ, հակառակ մասնագէտ հայագէտ մանկավարժի անվիճելի կարիքին։ 1998-ին կը վերսկսի համագործակցութիւնը եգիպտահայ մամուլին հետ, Ջահակիրի մէջ տպագրելով իր առաջին յօդուածը։ Մինչեւ 2002 թուական այնտեղ կը հրատարակէ 10 յօդուածներ, մեծ մասամբ գրախօսականներ։ Յօդուածներէն մէկը` 1915-1920 թթ. երկու վաւերագրեր` Մարտինի պատահարներուն մասին եւ Սէֆէր Պիրլիքը Հալէպի մէջ, 1998-ին Ջահակիր կը հրատարակէ առանձին գիրքով։ 1996 Հոկտեմբերին կը վերականգնուի Տեղեկատուի հրատարակութիւնը (նոր շրջան, թիւ 1)։ 1999 Յունուարին (նոր շրջան, թիւ 10) Գէորգեան կը ստանձնէ խմբագրութիւնը, զոր կը վարէ մինչեւ 2002 Ապրիլ (նոր շրջան, թիւ 23)։ Ըլլալով մտաւորական-բանասէր, իր ուսումնասիրութիւններով եւ գրախօսականներով Տեղեկատուն դուրս կը հանէ տեղեկատուական պաշտօնաթերթի ինքնասահմանուած շրջագիծէն։ Այնտեղ, բացի անստորագիր գրութիւններէ, կը հրատարակէ 17 ծանրակշիռ յօդուածներ, որոնք կը պարփակեն` գրախօսականներ-քննախօսականներ, հրապարակումներ (Ագաթանգեղոսի բնագիրներու արեւմտահայերէն
18
19
سï»Ý³·Çï³Ï³Ý ûñÃÇÏ` ݳ˳ï»ëáõ³Í »·Çåï³Ñ³Û ·ñ³¹³ñ³ÝÝ»ñáõ »õ ³ÝѳïÝ»ñáõ ѳõ³ù³ÍáÝ»ñáõ ѳٳñ« å³ïñ³ëïáõ³Í Ñ³Û Ù³ÙáõÉÇ 200-³Ù»³ÏÇÝ ³éÇÃáí£
§Ð³ÛÏ³Ï³Ý Ñ³ñó¦-Á »õ ѳÛÏ³Ï³Ý Ïáïáñ³ÍÝ»ñÁ© ѳٳå³ñ÷³Ï Ù³ï»Ý³·Çïáõû³Ý ÷áñÓ« 1995
20
1915-1920 Ãé »ñÏáõ í³õ»ñ³·ñ»ñ` سñïÇÝÇ å³ï³Ñ³ñÝ»ñáõÝ Ù³ëÇÝ »õ ê¿ý¿ñ äÇñÉÇùÁ гɿåÇ Ù¿ç« 1998
21
փոխադրութիւններ, եգիպտահայ գրականութեան անյայտ էջեր, եւ այլն), ինչպէս նաեւ եգիպտահայ Կաթողիկէ համայնքի համապարփակ պատմականը (լոյս կը տեսնէ նաեւ առանձին գիրքով` Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքը. անցեալը եւ ներկան իր բոլոր կառոյցներով եւ կարկառուն դէմքերով, Գահիրէ, Հ.Բ.Ը.Մ.Գահիրէ Սաթենիկ Ճ. Չագըր Հիմնադրամի Հրատարակութիւն, 2001)։ 2000 եւ 2003-ին երկու յօդուածներ կը ստորագրէ Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական հանդէսին մէջ։ Առաջինը հրապարակում մըն է Լեւոն Բաշալեանի անտիպ նամակի մը, երկրորդը` անդրանիկ ուսումնասիրութիւն մը Արփիար Արփիարեանի մահափորձերուն եւ սպանութեան մասին։ Տեղեկատուի խմբագրապետութենէն հեռանալէն ետք, կը շարունակէ գրախօսականներով աշխատակցիլ պաշտօնաթերթին։ 2007 Հոկտեմբերին, այնտեղ ստորագրած վերջին գրախօսականէ մը ետք, այլեւս իր գրութիւններուն չենք հանդիպիր մամուլին մէջ։ 2008-ին, անձնական հարուստ գրադարանը (աւելի քան 5000 գիրք) եւ իր սեփական դիւանը կը նուիրէ Հելիոպոլսոյ Հ.Բ.Ը.Միութեան։ Կը նշանակէ, արդէն որոշած էր հրաժարիլ գրական կեանքէ։ Դիւանին մէջ կը գտնուին իր ձեռագիր ու մեքենագիր անաւարտ գրութիւնները, ինչպէս նաեւ նամակներու սահմանափակ հաւաքածոյ մը։ Գրադարանի նուիրաբերումին անմիջապէս կը յաջորդէ գիրքերուն ցուցակագրութիւնը գրադարանավարուհի Սիլվա Ղազէլեանի կողմէ` Գէորգեանի համագործակցութեամբ։ Բանասէրի հիւանդութենէն ետք (2012), Ղազէլեան միայնակ կը շարունակէ աշխատանքը։ Յոյսով եմ, գիրքերուն վերջնական դասակարգումէն ետք կը հրապարակուի ամբողջական ցուցակը, կը բացուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Ընթերցանութեան սրահ»-ը` որուն ծրագիրը վարչութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած էր 2001 թուականին17 եւ ընթերցողներուն ազատօրէն մատչելի կը դառնան ընդհանրապէս Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գրադարանային հաւաքածոները։ Ուղեղի արիւնահոսութեան հետեւանքով, 2012 Սեպտեմբեր 18-ին Գէորգեան կը փոխադրուի Հելիոպոլիս Հիւանդանոց18։ Քանի մը շաբաթ այնտեղ մնալէ ետք, երկարատեւ բուժումի համար կը տեղափոխուի Իտալական Հիւանդանոց, ուր գրեթէ լքուած վիճակի մէջ կ’ապաստանի մինչեւ վերջ։ 2018 Դեկտեմբեր 27-ին, թոքի սուր բորբոքումի ախտորոշումով կը փոխադրուի նոյն հիւանդանոցին յատուկ բաժինը, ուր կը վախճանի 2019 Յունուար 19-ին, 83 տարեկան հասակին։ Յունուար 20-ին, Հելիոպոլսոյ Ամենայն Հայոց Գերեզմանատան մէջ տեղի կ’ունենայ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` սահմանափակ վշտակիցներու ներկայութեամբ։ Դամբանականներ չեն կարդացուիր... բարեբախտաբար։ Պատկանելիութեան հարց մը կար19։
22
º·ÇåïáëÇ Ñ³Û Ï³ÃáÕÇÏ¿ ѳٳÛÝùÁ© ³Ýó»³ÉÁ »õ Ý»ñÏ³Ý Çñ µáÉáñ ϳéáÛóÝ»ñáí »õ ϳñϳéáõÝ ¹¿Ùù»ñáí« 2001
23
ՑԱՆԿ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ
ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ 1. «Օգտակար ձեռնարկ (Ֆրանչիսկեան Հայրերու հայկական մատենագիտութիւնը)», Արեւ, 9 Օգոստոս 1967, ԾԳ. տարի, թիւ 14.793։ 2. «Մխիթարեաններու գրական վաստակը», Արեւ, 8 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.994 - 11 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.997։ 3. «Մեմլուքեան շրջանէն նշանաւոր հայ ընտանիք մը», Արեւ, 4 Հոկտեմբեր 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.442։ 4. «Հայ մամուլը Գահիրէի մէջ», Արեւ, 4 Հոկտեմբեր 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.442. 6 Հոկտեմբեր 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.443։ 5. «Ֆրանչիսկեան Հայրերու հայկական մատենագիտութիւնը», Արեւ, 6 Ապրիլ 1970, ԾԴ. տարի, թիւ 15.591։ 6. «Ժամանակագրութիւն Եգիպտոսի հայ լրագրութեան 1865-1966», Արեւ, 11 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.619 - 19 Մայիս 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.625։ 7. «Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով», Արեւ, 1 Հոկտեմբեր 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.748 - 9 Դեկտեմբեր 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.797։ 8. «Հայագիտական ամենահին հանդէսը նոր տարազով», Արեւ, 14 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.248։ 9. «Ալպօյաճեանի պատմական եւ բանասիրական գնահատելի ժառանգութիւնը», Արեւ, 24 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.256 - 29 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.260։ 10. «Տիեզերալոյս Գէորգ Սկեւռացիի երեք վարքերը ֆրանսերէն թարգմանութեամբ», Արեւ, 31 Յուլիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.285 - 3 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.288։ 11. «Արշակ Չօպանեանի հասարակական-քաղաքական հայեացքները քանի մը անտիպ նամակներու մէջ», Արեւ, 7 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.291 - 12 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.296։ 12. «Արեւմտեան գրական հայերէնի կազմաւորումի եւ զարգացումի պատմութիւնը», Արեւ, 21 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.303 - 23 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.305։ 13. «Ե.-ԺԷ. դարերու հայ մատենագիրները», Արեւ, 25 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.307։ 14. «Ներսէս Շնորհալի` եկեղեց. միութեան ռահվիրան եւ երգաստեղծ (Ն. Շնորհալիի նուիրուած սրբազան համերգին առիթով)», Արեւ, 23 Մարտ 1974, ԾԸ. տարի, թիւ 16.777։ 15. «Պատմաբան Աւետիս Եափուճեան. պատմական գիտութիւններու թեկնածու առաջին սփիւռքահայը», Արեւ, 27 Յուլիս 1974, ԾԹ. տարի, թիւ 16.880։ 24
16. ««Նանսէնեան անձնագիր»ը եւ «Նանսէնեան ծրագիր»ը. Ֆրիտեոֆ Նանսէնի նուիրուած յիշատակի երեկոյին առիթով», Արեւ, 11 Դեկտեմբեր 1974, ԾԹ. տարի, թիւ 16.988։ 17. «Ժողովրդական պայքարի էպոսը` Սասունցի Դաւիթ», Արեւ, 17 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.063 - 26 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.070։ 18. «Կեանք մը բեղուն` հայ մշակոյթին եւ սերունդներու դաստիարակութեան նուիրաբերուած (Հայր Մեսրոպ վրդ. Ճանաշեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով)», Արեւ, 19 Ապրիլ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.090։ 19. «Ակնարկ մը Եգիպտոսի մէջ հայ լրագրութեան սկզբնաւորութեան մասին», Արեւ, 10 Մայիս 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.0105 - 12 Մայիս 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.0106։ 20. «Նիւթեր հայ ձեռագիր պարբերական մամուլի պատմութեան համար. Ա. Պատանի խմբագիր եղբայրներ եւ Հայ պատանի հանդէսը», Արեւ, 11 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.181 - 12 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.182։ 21. «Կեանք մը արգասաւոր` մայրենի հնչիւններու ոգեշունչ լեզուով», Յուսաբեր, 23, 25, 26, 29, 30 Դեկտեմբեր 1975։ 22. «Նուպար փաշա. պետական մարդը եւ արդարութեան ռահվիրան», Արեւ, 29 Մարտ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.364 - 5 Ապրիլ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.370։ 23. «ԺԸ. դարու լուսաւորիչը` Մխիթար Սեբաստացի. ծննդեան Գ. դարադարձին առիթով», Արեւ, 24 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.432 - 28 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.435։ 24. «Նիւթեր հայ ձեռագիր պարբերական մամուլի պատմութեան համար. Բ. Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ շաբաթաթերթը», Արեւ, 10 Օգոստոս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.470։ 25. «Միջնադարեան հայ պատմագիրներու վերջին ներկայացուցիչներէն` Յովհաննէս Արք. Սեբաստացի», Արեւ, 22 Նոյեմբեր 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.551 - 23 Նոյեմբեր 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.552։ 26. «Նոր յայտնաբերուած հնատիպ գիրքեր», Արեւ, 24 Փետրուար 1977, 61-րդ տարի, թիւ 17.622 - 25 Փետրուար 1977, 61-րդ տարի, թիւ 17.623։ 27. «Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքի դիւանին ուղեցոյց գրքոյկը», Արեւ, 23 Մայիս 1977, 63-րդ տարի, թիւ 17.692։ 28. «Արշակ Ալպօյաճեանի գիտական արխիւը համալրող նորայայտ նիւթեր», Արեւ, 27 Յունիս 1977, 63-րդ տարի, թիւ 17.720 - 29 Յունիս 1977, 63-րդ տարի, թիւ 17.722։ 29. ««Հետախոյզ հայ մարդը». Իսթանպուլցի Կարպիս Ե. Մուրատեան», Արեւ, 2 Օգոստոս 1977, 63-րդ տարի, թիւ, 17.750։ 30. «Արաքս կիսամսեան` Աղեքսանդրիոյ «Հայուհեաց»ին գրական ձեռնարկը. անծանօթ էջ մը եգիպտահայ մամուլի պատմութենէն», Արեւ, 4 Փետրուար 1978,
25
63-րդ տարի, թիւ 17.893 - 15 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.902։ 31. «Հայերէն լեզուի գիտական քերականութեան նախաձեռնակ Յովհաննէս վրդ. Քռնեցի», Արեւ, 8 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.966 - 20 Մայիս 1978, 63րդ տարի, թիւ 17.975։ 32. «Շրջանաւարտներու աւանդական պաղպաղակասեղանը. օրուան նախագահ Պր. Տիգրան Գէորգեանի խօսքը», Արեւ, 31 Յուլիս 1978, 64-րդ տարի, թիւ 18.034։ 33. «Սայիտեան բարբառով աւետարանական պապիրոսներ», Արեւ, 4 Մայիս 1979, 65-րդ տարի, թիւ 18.254։ 34. «Յապաղած ձեռնարկի մը նախաքայլը` ՌԱԿ-ի կազմութեան համառօտ պատմութիւնը», Արեւ, 28 Մայիս 1979, 64-րդ տարի, թիւ 18.274 - 29 Մայիս 1979, 64-րդ տարի, թիւ 18.275։ 35. «Կրօնական աշխարհայեացքը եւ կրօնական շարժումները ԺԸ. դարու առաջին կիսուն. Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարքի ծննդեան Գ. դարադարձին առիթով», Արեւ, 4 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.472 - 8 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.475։ 36. «Պատմական անդրադարձում` ճնշուած ազգերու հակասուլթանական եւ ազգային-ազատագրական պայքարին մասին. Ապրիլեան Եղեռնի 65-ամեակին առիթով», Արեւ, 19 Մայիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.556 - 21 Մայիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.558։ 37. «Համառօտ մատենագիտութիւն Մեծ Եղեռնի մասին», Արեւ, 17 Յուլիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.606 - 5 Օգոստոս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.621։ (Մատենագիտութիւնը վերամշակուելով ընդելուզուած է հետեւեալ հատորին մէջ` «Հայկական հարց»-ը եւ հայկական կոտորածները. համապարփակ մատենագիտութեան փորձ, Գահիրէ, 1995, 300 էջ)։ 38. «Սովետական գրականութեան զարգացումի հանգրուանները», Արեւ, 2 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.765 - 11 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.773։ 39. «Տոքթ. Ա. Եափուճեանի յոբելեանը. Պր. Տիգրան Գէորգեանի խօսքը», Արեւ, 15 Մայիս 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.850։ 40. «Բժիշկ Ֆարաճի ձիու բժշկարանը», Արեւ, 4 Օգոստոս 1981, 66-րդ տարի, թիւ 18.915։ 41. «Գրիգոր Նարեկացիի երգագրութիւնը` գանձեր եւ տաղեր», Արեւ, 20 Փետրուար 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19078 - 23 Փետրուար 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19080։ 42. «Հայ ձեռագիր պարբերականները», Արեւ, 29 Ապրիլ 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19133 - 21 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19151։ 43. «Բացման խօսք Նուպարեան Ազգային Վարժարանի ամավերջի հանդէ-
26
սին», Յուսաբեր, 2 Յուլիս 1982. Արեւ, 7 Յուլիս 1982. Ջահակիր, 8 Յուլիս 1982։ 44. «Խօսեցան լեզուով անհուն գեղեցիկի», Յուսաբեր, 2, 3, 8, 9, 10 Մարտ 1983։ 45. «1915-1920 թթ. երկու վաւերագրեր` Մարտինի պատահարներուն մասին եւ Սէֆէր Պիրլիքը Հալէպի մէջ», Ջահակիր, 10 Սեպտեմբեր 1998, թիւ 1387 - 12 Նոյեմբեր 1998, թիւ 1391։ (Նոյն տարին կը հրատարակուի իբրեւ առանձին գիրք)։ 46. «Հայոց արքաները եւ դժխոները», Ջահակիր, 4 Փետրուար 1999, թիւ 1395։ 47. «Հայոց արքաները եւ դժխոները», Ջահակիր, 4 Մարտ 1999, թիւ 1397 - 25 Մարտ 1999, թիւ 1399։ 48. «Համատեղ ջանքերով... հայկական պատմամշակութային անշարժ ժառանգութեան ուսումնասիրութեան առիթով», Տեղեկատու, Ապրիլ 1999, թիւ 11։ 49. «Դրոշմագիտական հետաքրքրական աշխատութիւն մը», Տեղեկատու, Ապրիլ 1999, թիւ 11։ 50. Ագաթանգեղոս, «Քրիստոսի խոստովանողը եւ ճշմարտութեան վկան», քաղեց, համադրեց եւ արեւմտահայերէնի վերածեց` Տիգրան Գէորգեան. Տիգրան Գէորգեան, ««Ագաթանգեղոս գրիչ»-ը», Տեղեկատու, Յուլիս 1999, թիւ 12։ 51. «Թ.-ԺԹ. դարերու հայ մանրանկարիչներու մատենագիտութիւնը», Ջահակիր, 15 Յուլիս 1999, թիւ 1407։ 52. «Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքը. անցեալը եւ ներկան իր բոլոր կառոյցներով եւ կարկառուն դէմքերով», Տեղեկատու, Հոկտեմբեր 1999, նոր շրջան, թիւ 13 - Յունուար 2000, նոր շրջան, թիւ 14։ (Իբրեւ առանձին գիրք կը տպագրուի 2001-ին)։ 53. «Իւրօրինակ հրատարակութիւն մը», Ջահակիր, 21 Հոկտեմբեր 1999, թիւ 1413։ 54. «Նորանուն պարբերականներու մատենագիտութիւն», Ջահակիր, 6 Յունւար 2000, թիւ 1417։ 55. «Անյայտ մնացած եգիպտահայ արձակագիր մը», Տեղեկատու, Ապրիլ 2000, թիւ 15։ 56. «Փրոֆ. Տոքթ. Վահագն Տատրեանի դասախօսութիւնը ՀՀ Դեսպանատան մէջ», Տեղեկատու, Յուլիս 2000, թիւ 16։ 57. «Ակադեմիկոս Գրիգոր Խանջեան 1926-2000», Տեղեկատու, Յուլիս 2000, թիւ 16։ 58. «ՀՀ Ազգային Տօնի 9-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն Աղեքսանդրիա եւ Գահիրէ», Տեղեկատու, Հոկտեմբեր 2000, թիւ 17։ 59. Եղիվարդ, «Նեղոսի ափին»։ Տիգրան Գէորգեան, «Քերթուածին եւ բանաստեղծին մասին». «Հեղինակային համառօտ բառացանկ պատկերաշարքի դժուարիմաց բառերուն», պատրաստեց` Տիգրան Գէորգեան, Տեղեկատու, Հոկտեմբեր 2000, թիւ 17։ 60. «Carzou ուրուատեսիլ տիեզերքի նկարիչը», Տեղեկատու, Հոկտեմբեր 2000,
27
թիւ 17։ 61. «Հարիւրամեայ հնութեամբ նամակ մը Լեւոն Բաշալեանէն», Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2000, հատոր Ի., էջ 431-438։ 62. «Դէպի հազարամեակներ... աւետարանելու ուղին` կը մեկնի Տարսոնէն», պատրաստուած` հետեւողութեամբ Calendario Salesiano Giubilare-ի, Տեղեկատու, Յունուար 2001, թիւ 18։ 63. «Լատինագէտ վարդապետը պարգեւատրուած», Տեղեկատու, Յունուար 2001, թիւ 18։ 64. Ագաթանգեղոս, «Պարկեշտագեղ Հռիփսիմէի վկայաբանութիւնը», համադրեց եւ արեւմտեան հայերէնի վերածեց` Տիգրան Գէորգեան, Տեղեկատու, Ապրիլ 2001, թիւ 19։ 65. «Քրիստոսի խաչազգեաց վկաները», Տեղեկատու, Ապրիլ 2001, թիւ 19։ 66. «Է. դարու հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններ», Տեղեկատու, Յուլիս 2001, թիւ 20։ 67. «Փարաւոնական Եգիպտոսի գրական նմոյշներ», Տեղեկատու, Յուլիս 2001, նոր շրջան, թիւ 20։ 68. «Հալէպի հայերուն սպանդը 28 Փետրուար 1919», Ջահակիր, 30 Օգոստոս 2001, թիւ 1456 - 13 Սեպտեմբեր 2001, թիւ 1457։ 69. «Կենդանազարդերը հայ մանրանկարչութեան մէջ», Ջահակիր, 29 Նոյեմբեր 2001, թիւ 1462։ 70. «Եգիպտահայ դիմաստուերներ. ծանօթ եւ անծանօթ գորգանկարիչը», Տեղեկատու, Յունուար 2002, թիւ 22։ 71. «Եսայի` Իսրայէլի մխիթարութեան մարգարէն», Ջահակիր, 20 Յունիս 2002, թիւ 1476։ 72. «Գէորգ վրդ. Սկեւռացիի Եսայի մարգարէի մեկնութեան աղբիւրներու որոնում», Ջահակիր, 4 Յուլիս 2002, թիւ 1477։ 73. «Գաղափարի զոհը` Արփիար Արփիարեան», Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2003, հատոր ԻԳ., էջ 9-57։ (Յօդուածին կրճատուած տարբերակը)։ 74. «Գրիգոր Լուսաւորիչ ներկայացուած` իր սրբութեան եւ արուեստներու մէջ», Տեղեկատու, Յուլիս 2005, թիւ 36։ 75. «Թ.-ԺԷ. դարերու անանուն հայ մանրանկարիչներու մատենագիտութիւնը», Տեղեկատու, Յուլիս 2005, թիւ 36։ 76. «Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն. համադրական նոր փորձ մը», Տեղեկատու, Հոկտեմբեր 2007, թիւ 45։
28
ԳԻՐՔԵՐ 1. Տիգրան Գէորգեան, Հ.Բ.Ը.Մ.. Պատմական ակնարկ իր ադամանդեայ յոբելեանին առիթով, Գահիրէ, Հրատարակութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Եգիպտոսի Շրջանակին, 1981, 32 էջ։ 2. Միքայէլ Նաթանեան, Արմենական կուսակցութիւնը. ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը, խմբագրութիւն եւ ներածութիւն Տիգրան Գէորգեանի, Գահիրէ, Հայ Ազգային Հիմնադրամ, 1990, 106 էջ։ 3. Տիգրան Գէորգեան, Յակոբ Ս. Անասեան, «Հայկական հարց»-ը եւ հայկական կոտորածները. համապարփակ մատենագիտութեան փորձ, Գահիրէ, Հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Միութեան Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի, 1995, 300 էջ։ 4. Տիգրան Գէորգեան, 1915-1920 թթ. երկու վաւերագրեր` Մարտինի պատահարներուն մասին եւ Սէֆէր Պիրլիքը Հալէպի մէջ, Գահիրէ, Ջահակիր, 1998, 22 էջ։ (Նախապէս հրատարակուած Ջահակիր շաբաթաթերթի մէջ)։ 5. Տիգրան Գէորգեան, Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքը. անցեալը եւ ներկան իր բոլոր կառոյցներով եւ կարկառուն դէմքերով, Գահիրէ, Հ.Բ.Ը.Մ.Գահիրէ Սաթենիկ Ճ. Չագըր Հիմնադրամի Հրատարակութիւն, 2001, 52 էջ։ (Նախապէս հրատարակուած Տեղեկատու պարբերաթերթին մէջ)։
ԽՄԲԱԳՐԱԾ ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ՊՐԱԿՆԵՐ 1. Եդուարդ Յակոբեան, Գարեգին Պէշկէօթիւրեան. բանաստեղծ-երաժիշտ, խմբագիր` Տիգրան Գէորգեան, Գահիրէ, Հրատարակութիւն Եգիպտահայ Երգչախումբի, 1979, 20 էջ։ 2. Ալեքսանդր Սարուխան. երգիծանկարիչ (արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն), գեղարուեստական խմբագիր` Եդուարդ Յակոբեան, հայերէն գրութիւններու խմբագիր` Տիգրան Գէորգեան, Գահիրէ, 1985, 120 էջ։ 3. Ժագ Յակոբեան, Հոգին հայկական, կազմեց, յառաջաբան գրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Եդուարդ Յակոբեան, հեղինակին համառօտ բառարանը կազմեց Տիգրան Գէորգեան, Գահիրէ, հրատ. եւ տպագր. Նուպար եւ Հրաչ Սիմոնեան Եղբ., 1987, 112 էջ։ 4. Հայ պարբերական մամուլի 200-ամեակի ցուցահանդէս, [խմբագիր` Տիգրան Գէորգեան], Գահիրէ, 1994, 16 էջ։ 5. Աստղիկ Գէորգեան, Ծաղկաքաղ սաղմոսներ, հրատարակութեան խորհըրդատու Տիգրան Գէորգեան, Գահիրէ, տպարան Աֆրիքըն Փրէս, 2001, 38 էջ։ 6. Կրօնքի եւ եկեղեցիի մասին ամփոփ գիտելիքներ հարցում-պատասխանով, խմբագրութեան եւ հրատարակութեան խորհրդատու` Տիգրան Գէորգեան, Գահիրէ, Սաթենիկ Չագըր Հիմնադրամ, 2003, 36 էջ։ 29
ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Գէորգեան հրաւիրուած է կարդալու սահմանափակ քանակութեամբ բանախօսութիւններ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ. 1. Մխիթարեաններու գրական վաստակը, հանդիսութիւն Վենետիկի Ս. Ղազար վանքի հիմնադրութեան 250-րդ տարեդարձին առիթով (կազմակերպութեամբ Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի), Նայլ Հոլ սրահ, 21 Փետրուար 1968։ 2. Ժողովրդական պայքարի էպոսը` Սասունցի Դաւիթ, Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան Թէքէեան սրահ, 29 Յունուար 1975։ 3. Նուպար փաշա. պետական մարդը եւ արդարութեան ռահվիրան, Հայկական Ընթերցասրահ, 18 Դեկտեմբեր 1975։ 4. Մխիթար Սեբաստացի` ԺԸ. դարու լուսաւորիչը, Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան Թէքէեան սրահ, 27 Մայիս 1976։ 5. Մխիթար Սեբաստացի` ԺԸ. դարու լուսաւորիչը, Տիգրան Երկաթ հայ մշակութային միութեան Տիգրան Ալեքսանեան հանդիսասրահ, 12 Յունիս 1976։ 6. Կրօնական աշխարհայեացքը եւ կրօնական շարժումները ԺԸ. դարու առաջին կիսուն. Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարքի ծննդեան Գ. դարադարձին առիթով, Կոկանեան Սրահ, 25 Հոկտեմբեր 1979։ 7. Պատմական անդրադարձում` ճնշուած ազգերու հակասուլթանական եւ ազգային-ազատագրական պայքարին մասին (Ապրիլեան Եղեռնի 65-ամեակին առիթով), Կոկանեան Սրահ, 23 Ապրիլ 1980։ 8. Սովետական գրականութեան զարգացումի հանգրուանները, Կոկանեան Սրահ, 4 Դեկտեմբեր 1980։ 9. Եգիպտահայ մամուլը, Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութիւն, 28 Մարտ 1985։ Բացի վերջինէն, բոլոր բանախօսութիւնները հրատարակուած են Արեւի մէջ։
ԱՆՏԻՊ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ինչպէս ոեւէ խոհուն ու մշտապէս արտադրող մտաւորական` Տիգրան Գէորգեան պիտի թողուր անտիպ կամ անաւարտ աշխատութիւններ։ 1975-ին, Արեւի մէջ հրատարակած է «Նիւթեր հայ ձեռագիր պարբերական պատմութեան համար» յօդուածաշարքին Ա. եւ Բ. մասերը` «Պատանի խմբագիր եղբայրներ եւ Հայ պատանի հանդէսը»20 եւ «Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ շաբաթաթերթը»21։ 1982-ին, յօդուածի մը ծանօթագրութեան մէջ կը յիշատակէ, որ անտիպ կը մնայ Գ. մասը` «Ալպօյաճեանի Գեղօն ժողովածուները»22։ Այս յօդուածը կարելի չեղաւ յայտնաբերել։ Անոր ձեռագիրը չի գտնուիր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի անձնա-
30
կան դիւանին մէջ։ Աւետիս Եափուճեան 1986-ին կը յիշատակէ Գէորգեանի երեք անտիպ ծաւալուն աշխատութիւններ. Սակայն, մատենագիտական իր գլխաւոր եւ ստուար, մանաւանդ արժէքաւոր երեք գործերը, որոնք պատրաստ են, եւ սակայն, տարիներէ ի վեր դժբախտաբար հրատարակութեան կը սպասեն։ Անոնք են. Ա) Հայ գրականութեան ժամանակագրական համայնապատկերը, որուն համար օգտագործած է բանասիրական, գրականագիտական եւ պատմագիտական բազմաթիւ աղբիւրներ։ Այս աշխատութեան համար դրուատական տողերով արտայայտուած են Հ. Մեսրոպ Ճանաշեան եւ պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեան։ Բ) Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով մատենագիտական փորձը, որուն մէկ մասը լոյս տեսած է Արեւի մէջ։ Այս աշխատասիրութիւնը գնահատած են Դոկտ. Փրոֆ. Ռուբէն Զարեան եւ Դոկտ. Գուրգէն Յովնան։ Գ) Մատենագիտական փորձ հայկական հարցի եւ հայկական կոտորածներու մասին, երկհատոր` հայերէն եւ եւրոպական լեզուներով։ Վերոյիշեալ երեք աշխատասիրութիւններուն համար, Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական Ֆակուլտէտի «Հայ Գրականութեան ամբիոնը քննարկելով Դոցենտ Ա. Բաբայեանի եզրակացութիւնները` արձանագրում է Տիգրան Գէորգեանի կատարած մատենագիտական աշխատանքների արդիւնաւէտութիւնը, ինքնատիպութիւնը եւ գիտական խոշոր արժէքն ու նշանակութիւնը։ Ամբիոնը գտնում է, որ Տիգրան Գէորգեանը ամէն տեսակէտից արժանի է խրախուսանքի եւ օժանդակութեան, իր մատենագիտական աշխատանքները շարունակելու եւ աւարտելու համար23։ Ինչպէս Եափուճեան կը նշէ, Բ.-ին առաջին մասը` որ կը բովանդակէ Ա.-Թ. տառերը, իբրեւ յօդուածաշարք 1970-ին հրատարակուած է Արեւի մէջ24։ Մնացած մասերուն ձեռագիրները չյայտնաբերուեցան։ Գ.-ը կը հրատարակուի 1995-ին25։ Ա.-ի ամբողջական ձեռագիրները պահպանուած են` Ժամանակագրական համայնապատկեր հայ գրականութեան պատմութեան ընդհանուր խորագիրով։ Ասիկա եղած էր իր ամենասիրելի աշխատութիւններէն մէկը։ 1978-1980 թուականներուն` երբ Նուպարեան Ազգային Վարժարանի աշակերտ էի, Գէորգեան անձամբ ինծի ցոյց տուած էր զանոնք։ Երբ 1991-1993-ին վերադարձայ նոյն դպրոցը` արդէն իբրեւ ուսուցիչ, ան դարձեալ ինծի ցոյց տուաւ նոյն աշխատութիւնը, նշելով` որ կատարած է կարեւոր յաւելագրութիւններ։ Անոր ամբողջութիւնը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի դիւանը, որ բաղկացած է յաջորդական հատորներէ եւ կ’ընդգրկէ 1701-1964 ժամանակաշրջանը։ Դարձեալ զանոնք թերթելով դիւանին մէջ, նկատելի էր` որ ի տարբերութիւն նախորդ տարբերակներէն, մեծադիր էջերը արդէն խճողուած էին սեղմիչներով ամրացուած հարիւրաւոր մանր
31
ijٳݳϳ·ñ³Ï³Ý ѳٳÛݳå³ïÏ»ñ Ñ³Û ·ñ³Ï³Ýáõû³Ý å³ïÙáõû³Ý ³ß˳ïáõû³Ý ³é³çÇÝ ¿çÁ£
32
ներդիրներով` որոնք իրենց տեղը պէտք է գտնէին բնագիրին մէջ։ Այդ տեղերուն միայն ինքն էր տեղեակ։ Չըսելու համար, որ փոխադրութեան ընթացքին ակամայաբար տեղի ունեցած էին ներդիրներու խառնաշփոթութիւն։ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գէորգեանի դիւանին մէջ, արդարեւ, յայտնաբերուեցաւ Մասիս Պետրոսեանի ինքնագիր ձեռագիրներուն ամբողջական տետրակները` Ապահ Պետրոսեան. կեանքը` յեղափոխական-հասարակական գործունէութեան ընդմէջէն խորագիրով։ Տասնըմէկ գլուխներէ կազմուած յուշ-պատմութեան առաջին տասը գլուխները Գէորգեան վերծանած ու մեքենագրած է 1998-1999 թուականներուն։ Անյայտ պատճառներով վերջին գլուխը չէ մեքենագրած26։ Իր անտիպ գործերէն մէկն է նաեւ Արփիար Արփիարեանի սպանութեան նուիրուած յօդուած մը, որ ունի իր պատմութիւնը։ Անիկա 2002 թուականին յատուկ գրուած էր Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական հանդէսին համար։ Գէորգեան` տարիքի բերումով, հեռու էր համարգիչի թեքնոլոժիէն, հետեւաբար, այս յօդուածը` ինչպէս իր բոլոր յօդուածները, մեքենագրած էր գրամեքենայով։ Ապա, Մարտիրոս Պալաեան զայն վերամեքենագրած էր համակարգիչով եւ ղրկած Հայկազեանի ել-հասցէին։ Հայկազեանի խմբագրութիւնը կատարած էր կրճատումներ եւ փոփոխութիւններ, եւ Պալաեանի միջոցով խնդրած հեղինակին արտօնութիւնը։ Հակառակ Գէորգեանի մերժումին, յօդուածը կը տպագրուի խմբագիրի փոփոխութիւններով27։ Գրամեքենայով եւ համակարգիչով շարուած յօդուածին միակ բնագիրները մնացած են Պալաեանի մօտ։ Երբ 2007 թուականին իր ամբողջ գրադարանը կը փոխադրէր Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ., Գէորգեան քանիցս այցելած է Պալաեանի գրասենեակը եւ տրամադրած չորս անտիպ աշխատութիւններ։ Պալաեան անմիջապէս պատճէնահանած է զանոնք եւ վերադարձուցած բնագիրները։ Այսօր, բնագիրները կը գտնուին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գէորգեանի դիւանը. անձամբ ստուգած եմ անոնց գոյութիւնը այնտեղ։ Այսպէս, Գէորգեանի անտիպ աշխատութիւններուն ցանկը կ’ըլլայ հետեւեալը. 1. Տոհմագրութիւն Խամսայի մելիքութիւններու։ Ձեռագիր եւ մեքենագիր, անաւարտ, առաջին խմբագրութիւն` 17-19 Յուլիս 1962, երկրորդ խմբագրութիւն` 5-7 Հոկտեմբեր 1985։ Բնագիրը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը, պատճէնը` Մ. Պալաեանի մօտ (տե՛ս Գ. հատոր)։ 2. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ. աթոռանիստ եկեղեցի Եգիպտոսի Հայոց Առաջնորդութեան։ Մեքենագիր եւ ձեռագիր, անաւարտ, 1989։ Բնագիրը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը, պատճէնը` Մ. Պալաեանի մօտ (տե՛ս Գ. հատոր)։ 3. Ֆրանչիսկեան միաբանութեան նպաստը հայ ժողովուրդին եւ հայագիտութեան ուսումնասիրութեան։ Ձեռագիր եւ մեքենագիր, անաւարտ, 1998։ Բնագիրը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը, պատճէնը` Մ. Պալաեանի մօտ (տե՛ս Գ. հատոր)։ 4. Մասիս Պետրոսեան, Ապահ Պետրոսեան. կեանքը` յեղափոխական-
33
հասարակական գործունէութեան ընդմէջէն, խմբագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Տիգրան Գէորգեան։ Մեքենագիր, անաւարտ, 1998։ Մասիս Պետրոսեանի ձեռագիրը եւ Գէորգեանի անաւարտ մեքենագրութիւնը կը գտնուին Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը (տե՛ս Ջահակիր, Յաւելուած ԼԴ.)։ 5. Նկատողութիւններ Արեւի արաբատառ ամսօրեայ յաւելուածի Ա. տարուան 12 համարներուն մասին։ Մեքենագիր, աւարտուն, 19 Ապրիլ 1999։ Բնագիրը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը, պատճէնը` Մ. Պալաեանի մօտ (տե՛ս Գ. հատոր)։ 6. Գաղափարի զոհը` Արփիար Արփիարեան։ Մեքենագիր, աւարտուն, 2002։ (Համառօտ տարբերակը` Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2003, հատոր ԻԳ., էջ 9-57։) Բնագիրը կը գտնուի Մ. Պալաեանի մօտ (տե՛ս Ա. հատոր)։ 7. Հայ գրականութեան ժամանակագրական համայնապատկեր։ Ձեռագիր, անաւարտ։ Բնագիրը կը գտնուի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիւանը։ 8. Ալպօյաճեանի Գեղօն ժողովածուները։ Չյայտնաբերուած։ Աղբիւր` Տիգրան Գէորգեան, «Հայ ձեռագիր պարբերականները», Արեւ, 14 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19145։ 9. Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով (Ժ.-Ֆ.)։ Չյայտնաբերուած։ Աղբիւր` Աւետիս Եափուճեան, «Դաստիարակ բանասէրը. Տիգրան Գէորգեանի ծննդեան 50-ամեակին ու ուսուցչութեան 25-ամեակին առթիւ», Արեւ, 2 Յուլիս 1986, 70-րդ տարի, թիւ 20352, էջ 3։
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Իր գրութիւններուն ընդմէջէն դժուար չէ որսալ որոշ նախասիրութիւններ։ Առաջնային հետաքրքրութիւններէն մէկը եղած է մամուլը` եգիպտահայ մամուլի երկու մատենագիտութիւններ, հայ ձեռագիր մամուլի ուսումնասիրութիւններ (ներառեալ` չյայտնաբերուած անտիպ մը), Աղեքսանդրիոյ Արաքս կիսամսեայի յայտնաբերում, ինչպէս նաեւ մամուլին նուիրուած գիրքերու գրախօսականներ։ Մամուլի հանդէպ իր բուռն սէրը գործնականօրէն արտայայտուեցաւ 19911994-ին, կազմակերպելով 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը Ալ-Հանակէրի մէջ, եւ այս առիթով անյաջող փորձ մը կատարելով կազմելու Եգիպտոսի մէջ գտնուող հայկական մամուլին ամբողջական ցանկը (տե՛ս վերը)։ Մամուլէն զատ, Գէորգեանի ուշադրութեան կեդրոնը եղած են կաթողիկէ հայերը։ Հայ Կաթողիկէ համայնքները յաճախ անտեսուած են հայ մեծամասնական լուսաւորչականներուն կողմէ։ Կարելի է ըսել, անոնք կը կազմեն հիմնահոսանքային հայութեան բազում Այլերէն մէկը։ Եգիպտահայ Կաթողիկէ համայնքին մասին մանրամասն ու համակողմանի հետազօտութիւն մը լոյս ընծայելով,
34
Գէորգեան կարեւոր բաց մը լրացուցած է հայութեան անտեսուած այս համայնքին մասին։ Մխիթարեան հայրերու գրական վաստակին նկատմամբ ունեցած է յարատեւ յարգանք` յաճախ ստորագրելով բացայայտիչ գրութիւններ։ Վերջապէս, անընդհատ հետեւած է Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան Քրիստոնէական Արեւելագիտութեան Կեդրոնի տնօրէն Հայր Վենսան Մուսթարիհի գիտական արտադրութեան, եգիպտահայ բանասէր մը` որ դուրս ըլլալով «համայնքային» կոչուած պաշտօնական կառոյցներէն, ոչ մէկ անդրադաձի արժանացած է եգիպտահայ մամուլին մէջ։ Գէորգեան հանգիստ կը զգար մատենագիտական ցանկերու ոլորտին մէջ` եգիպտահայ մամուլ, հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով, հայկական հարցը եւ հայկական կոտորածները (նախ` յօդուածաշարք, ապա` գիրք)։ Իսկ ամբողջ կեանք մը նուիրած է պատրաստելու հայ գրականութեան ժամանակագրական համայնապատկերի բազմահատորները (ինքնին համապարփակ մատենագիտութիւն մը), որոնք այնպէս ալ չհասան իրենց վերջնական աւարտին։ Միջնադարը եղած է իր հետաքրքրութիւններուն կեդրոնը` Յովհաննէս արք. Սեբաստացի, Յովհաննէս վրդ. Քռնեցի, Կոլոտ Յովհաննէս Պատրիարք, Ագաթանգեղոս, Է. դարու հայկական ճարտարապետութիւն եւ միջնադարեան նիւթերու գրախօսականներ։ Գէորգեանի բազմաթիւ գրախօսականները ունին ուսումնասիրութեան մը համազօր տարողութիւն։ Բանասէրին համար գրախօսականը եղած է յետնախորք մը` արտայայտելու իր անձնական գաղափարները եւ կատարելու զուգահեռ հետազօտութիւններ։ Բնականաբար, ան պիտի ունենար նաեւ որոշ սահմանափակումներ։ Խորհրդահայ գրականութեան զարգացումի հանգրուաններուն յատկացուած 1981 թուականի բանախօսութիւն-ուսումնասիրութիւնը կը վերարտադրէ այդ ժամանակուայ խորհրդային պաշտօնական ինքնապատումը։ Տողատակային արտայայտութիւններով չէ խուսափած եգիպտահայութիւնը վերափոխելու անհրաժեշտութիւնը նշելէ։ Օրինակ, 1978 Յուլիս 16-ին, Հելիոպոլսոյ Կոկանեան Սրահին մէջ շրջանաւարտներուն ուղղուած խօսքին մէջ կը բարձրաձայնէ. Համակրելի երիտասարդներուն կողմէ մեզի ընծայուած պատիւէն օգտուելով, ազգային զոյգ վարժարաններու մեր հայ պաշտօնակիցներուն անունով` սրտանց կը շնորհաւորենք հայ թէ օտար դպրոցներէ շրջանաւարտ մեր տղաքն ու աղջիկները, համալսարանաւարտ մեր երիտասարդները, բոլորին մաղթելով` որ ներկայի եւ յառաջիկային ձեռք բերուելիք յաջողութիւններէն խթանուած, լծուին մարդկային գիտակցական գործունէութեան` գոնէ մասամբ վերափոխելու համար եգիպտահայ հասարակական կեանքը (ընդգծումը իմս է, Հ.Ա.)28։
35
«Վերափոխելու», այլ ոչ «նուիրուելու», «ծառայելու», «նպաստելու հայապահպանումի գործին», ինչպէս գրեթէ պարտադիր կերպով ընդունուած է կրկնել։ Վերջապէս, ի տես իր անձնական գործունէութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող համատարած անտարբերութեան, կ’արտայայտուի անուղղակի զուգահեռականով։ 2001-ին, յօդուած մը կը ստորագրէ Հայր Վենսան Մուսթարիհի պարգեւատրութեան առիթով, զոր կ’աւարտէ այսպէս. Գիտութեան եւ միտքի աշխատաւորի մը համար հոգեկան կազդոյր է հրապարակով գնահատանքի արժանանալը29։ «Հոգեկան կազդոյր» արտայայտութեան մէջ դժուար չէ տեսնել Գէորգեանի անձը, որ երբեք չէ ապրած այդ «կազդոյր»-ը։
ԵՐԿԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Ներկայ հատորներու հրատարակութեան գաղափարը ծագեցաւ 2016 թուականին։ Գլխաւոր դժուարութիւնը նիւթերու հաւաքագրութիւնն էր։ Գէորգեանի գրութիւններուն մեծագոյն եւ ամենակշռական մասը տարածուած է եգիպտահայ մամուլին մէջ, յատկապէս` Արեւ օրաթերթին։ Անհրաժեշտ էր թերթել մամուլի հազարաւոր էջեր։ Այս աշխատանքը ստանձնելով ես ինքս, բնաւ չեն բացառուած ակամայ բացթողումները։ 2016-ին, փափաքելով արձանագրել իր ծննդեան 80-ամեակը, գրեցի իր մասին յօդուած մը` որ կը բովանդակէր կենսագրական եւ ստեղծագործական ոչամբողջական տեղեկութիւններ30։ Մարտիրոս Պալաեան` որ սովորութիւն ունէր մէկ-երկու ամիսը անգամ մը այցելել Հիւանդանոց եւ հանդիպիլ Գէորգեանին, յօդուածը ցոյց կու տայ անոր։ Համաձայն Պալաեանի նկարագրութեան, Գէորգեան, որ այլեւս անկարող էր կարդալ, կը յուզուի եւ կ’արտասուէ։ Լքուածութեան եւ անտեսուածութեան ճնշող զգացումը բաւական ուժեղ էր իր մէջ։ Քանի մը ամիս ետք, երբ ամբողջական գործերու հրատարակութեան գաղափարը արդէն հասունցած էր, կ’որոշեմ Պալաեանի հետ վերջապէս այցելել իրեն։ Անունս տալէս ետք անմիջապէս Ճանչցաւ ինծի, յիշեց յօդուածս եւ լայն ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքին։ Այցելութիւնը, սակայն, ծանր տպաւորութիւն թողուց վրաս։ Այս հսկան` որ իր ուղեղին մէջ ունէր եգիպտահայ ամբողջ շրջանի մը պատմութիւնը եւ ամբարած էր լայնածաւալ փորձառութիւն, այլեւս շատ քիչ բան կը յիշէր։ Կը խօսէր կմկմալով, բառերուն միջեւ դադարներով, միտքի երկար ընդհատումներով եւ յաճախ անկապ արտայայտութիւններով։ Ըսի` որ պիտի նախաձեռնեմ իր ամբողջական գործերուն հրատարակու-
36
թիւնը։ Չհասկցաւ։ Փորձելով գրգռել յիշողութիւնը, հարցուցի. «Ո՞ւր տպագրուած են Ձեր ուսումնասիրութիւնները»։ Պատասխանեց. «Չեմ յիշեր»։ Շարունակեցի. «Կարծեմ Արեւի մէջ բաւական յօդուածներ գրած էք»։ Նոյն պատասխանը. «Չեմ յիշեր»։ Չյիշելով հանդերձ իր բանասիրական արտադրութիւնը, ինքն իր կողմէն սկսաւ կցկտուր կերպով խօսիլ Հայր Վենսան Մուսթարիհի եւ Գահիրէ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան Քրիստոնէական Արեւելագիտութեան Կեդրոնին մասին` խորհուրդ տալով ինծի այցելել այնտեղ։ Յիշեց Եդուարդ Յակոբեանը եւ ուրիշ ազգային մը (անունը առայժմ չեմ կրնար յիշել)` բաւական բացասական ածականներով (նշեմ, որ 1990-ականներուն, Յակոբեանի հետ յարաբերութիւնները խզուած էին, անձնական նկատառումներով)։ Ըսի` որ ես, իբրեւ իր աշակերտը, շատ բան կը պարտիմ իրեն։ Ուրախացաւ եւ աւելցուց` որ ինք ամէն ջանք գործադրած է աշակերտներուն տալ հայեցի կրթութիւն եւ պատրաստել երիտասարդներ։ Կը նշանակէ, որ ի տարբերութիւն իր գիտական գործունէութենէն, ան չէր մոռցած մակավարժական ասպարէզը իբրեւ կեանքի կենդանի փորձառութիւն։ Ընդհանուր առմամբ, հանդիպումը հանդիսացաւ մոռացումներու եւ մկրատւած յիշողութիւններու ամբողջականութիւն մը։ Ցաւօք, անկարելի եղաւ յօդուածներուն մասին տեղեկութիւններ քաղել, որոնք կրնային կարեւոր օգտակարութիւն ունենալ ներկայ հրատարակութեան համար։ Այսպիսի մտաւոր տխուր վիճակի մէջ կը գտնուէր Գէորգեան 2016 թուականին։ Կը մնար, որ իր գրութիւններուն հաւաքագրութիւնը կատարէի ինքնուրոյնաբար, որուն հետեւանքով, բոլոր բացթողումներուն ու վրիպակներուն պատասխանատուութիւնը կը կրեմ անձնապէս։ Երկերու երեք հատորները եւ յաջորդող հրապարակումը (Ջահակիր, Յաւելուած ԼԴ.) կը բովանդակեն Գէորգեանի ինծի մատչելի (վերոյիշեալ ցանկերուն մէջ յիշատակուած) բոլոր տպագիր եւ աւարտուն ու անաւարտ ձեռագիր գրութիւնները, բացի երեք ծաւալուն աշխատութիւններէ. 1. «Հայկական հարց»-ը եւ հայկական կոտորածները. համապարփակ մատենագիտութեան փորձ, Գահիրէ, 1995, 300 էջ։ Անիկա հրատարակուած ըլլալով իբրեւ առանձին հատոր, անտեղի նկատեցի վերատպութիւնը։ Բնականաբար, դուրս պիտի ձգէի նաեւ այդ հատորին նախնական տարբերակը հանդիսացող յօդուածաշարքը` «Համառօտ մատենագիտութիւն Մեծ Եղեռնի մասին» (Արեւ, 17 Յուլիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.606 - 5 Օգոստոս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.621)։ 2. Միքայէլ Նաթանեան, Արմենական կուսակցութիւնը. ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը, խմբագրութիւն եւ ներածութիւն Տիգրան Գէորգեանի, Գահիրէ, Հայ Ազգային
37
Հիմնադրամ, 1990, 106 էջ։ Դարձեալ անյարմար նկատեցի ամբողջ հատորին վերատպութիւնը։ 3. Հայ գրականութեան ժամանակագրական համայնապատկեր, ձեռագիր, անաւարտ։ Անկարելի եղաւ այս բազմահատոր ու ծաւալուն ձեռագիրին ներդիրները տեղաւորել իրենց տեղերը։ ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. «Կեանք մը բեղուն` հայ մշակոյթին եւ սերունդներու դաստիարակութեան նուիրաբերուած (Հայր Մեսրոպ վրդ. Ճանաշեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով)», Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 19 Ապրիլ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.090։ 2. Աւետիս Եափուճեան, «Դաստիարակ բանասէրը. Տիգրան Գէորգեանի ծննդեան 50ամեակին եւ ուսուցչութեան 25-ամեակին առթիւ», Արեւ, 2 Յուլիս 1986, 70-րդ տարի, թիւ 20352, էջ 2։ 3. «Ալպօյաճեանի պատմական եւ բանասիրական գնահատելի ժառանգութիւնը»։ Արեւ, 24 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.256, էջ 2։ 4. «Ամուսնութիւն», Արեւ, 28 Ապրիլ 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.309, էջ 4։ 5. Ա[ւետիս] Ե[ափուճեան], «Շրջանաւարտներու աւանդական պաղպաղակասեղանը», Արեւ, 31 Յուլիս 1978, 64-րդ տարի, թիւ 18.034, էջ 2։ 6. «Տեղեկատուն դարձեալ պատնէշի վրայ», Տեղեկատու, Գահիրէ, Հոկտեմբեր 1996, նոր շրջան, թիւ 1, էջ 1։ 7. «Համերգ Շնորհալի երգչախումբին 55ամեակին առթիւ», Արեւ, 14 Փետրուար 1983, 67րդ տարի, թիւ 19366, էջ 1։ 8. «Համերգ Շնորհալի երգչախումբին 55ամեակին առթիւ», Արեւ, 14 Փետրուար 1983, 67րդ տարի, թիւ 19366, էջ 1։ Զ[աւէն] Պ[ալաեան], «Համերգ եւ ընդունելութիւն Շնորհալի երգչախումբի հիմնադրման 55-ամեակին առթիւ», Ջահակիր, 24 Փետրուար 1983, նոր շրջան, թիւ 922, էջ 1-2։ Ժան Պոննոր, «Լը Փրոկրէ էժիփսիէն օրաթերթը Շնորհալի երգչախումբի համերգին մասին», Ջահակիր, 3 Մարտ 1983, թիւ 923, էջ 2։ «Շնորհալի երգչախումբի հիմնադրման 55-ամեակին առթիւ Գահիրէի Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ տիար Վահան Չէչճէնեանի խօսքը», Ջահակիր, 10 Մարտ 1983, թիւ 924, էջ 2։ Անթուան Ճէննաուի, «Լը Ժուրնալ տ’Էժիփթ օրաթերթը Շնորհալի երգչախումբի համերգին մասին», թրգմ. Զ. Պ., Ջահակիր, 17 Մարտ 1983, նոր շրջան, թիւ 925, էջ 2։ 9. Տիգրան Գէորգեան, «Խօսեցան լեզուով անհուն գեղեցիկի», Յուսաբեր, օրաթերթ, Գահիրէ, 2, 3, 8, 9, 10 Մարտ 1983։ 10. Միքայէլ Նաթանեան, Արմենական կուսակցութիւնը. ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը, խմբագրութիւն եւ ներածութիւն Տիգրան Գէորգեանի, Գահիրէ, Հայ Ազգային Հիմնադրամ, 1990, էջադրումէ
38
դուրս։ 11. Արեւ, 22 Մայիս 1992, 77-րդ տարի, թիւ 22065, էջ 4։ 12. Տե՛ս` Յ[ովհաննէս] Տ[էր] Պ[ետրոսեան], «Մեծարանքի երեկոյ նուիրուած վաստակաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն», Արեւ, 29 Մայիս 1992, 77-րդ տարի, թիւ 22071, էջ 2։ 13. Պերճ Թէրզեան, Ինչպէ՞ս տօնուեցաւ հայ պարբերական մամուլի 200-ամեակը Գահիրէի մէջ, Գահիրէ, Հոկտեմբեր 2009, էջ 3։ 14. Ցուցահանդէսին պատմականը տե՛ս` Պերճ Թէրզեան, նշ. աշխ.ը։ 15. Ահաւասիկ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանին նուիրուած գրութիւնը ամբողջութեամբ. Մատրասի մէջ սկիզբ առած մշակութային գործունէութեան մասնակից դարձած է նաեւ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանը, որ այնտեղ գտնուած է շատ դժբախտ պարագաներու բերումով։ Շմաւոնի որդի Յարութիւն քահանայ ծնած է 1750 թ., Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքը. իր մասին սակաւ տեղեկութիւններէ գիտենք` թէ մէկ շաբթուան ընթացքին դժբախտութիւնը կ’ունենայ կորսնցնելու իր երկու որդիները, եւ այդ խոր վիշտը ամոքելու համար, եօթը տարի մեկուսացած կ’ապրի պարսիկ տերվիշներու հետ։ Առանձնութեան տարիներուն` ան խորապէս կը տիրապետէ պարսկերէն ծաղկուն լեզուին, ինչ որ յետագային իր օգտակարութիւնը կ’ունենայ Մատրասի մէջ։ Անսալով իր սիրելիներուն թախանձանքներուն` կը վերադառնայ Շիրազ, ապա կ’անցնի Մատրաս` ստանձնելու համար տեղւոյն բուռ մը առեւտրական հայերուն հոգեւոր հովուութիւնը։ Անձնական միջոցներով կը կազմակերպէ Մատրասի երկրորդ հայկական տպարանը եւ լոյս կ’ընծայէ հայագիտական կարեւոր գիրքեր։ Իր համբաւը տարածուելուն` Մատրասի նաւաբէն ալ մասնաւոր արտօնութիւն կը ստանայ արաբերէն եւ պարսկերէն գիրքեր ալ տպագրելու։ Շմաւոնեան քահանային վշտալի կեանքը վերջ կը գտնէ 1824-ին, Մատրասի մէջ։ 16. Պերճ Թէրզեան, նշ. աշխ.ը, էջ 19-20։ Դժուար չէ ենթադրել, որ Էդուարդ Նալբանդեան վերոբերեալ գրութեան մէջ չէ կրցած գտնել հայութեան պանծալի պատկերի բացարձակացուած ցուցադրութիւնը։ Աւելին։ Ամբողջ կեանքը ռուսական-խորհրդային դիւանագիտութեան մէջ անցուցած, հայկական իրականութիւններէն մեծապէս օտարացած ու խորհրդային հանդիսաւոր-լաւատեսական կարգախօսներէն սնուած դիւանագէտին համար արտասովոր էր հայ առաջին պարբերականին հնարողը ներկայացնել մռայլ իրականութեան հովանիին տակ։ Նախաձեռնող Յանձնախումբը, արդարեւ, առանց հակաճառութեան տեղի կու տայ դեսպանի նախաձեռնութեան։ Գէորգեան միակն էր բացայայտօրէն բողոքողը։ 17. Տե՛ս` «Հ.Բ.Ը.Մ.-Գահիրէ «Սաթենիկ Ճ. Չագըր» մշակութային եւ վարչական կեդրոնը յատակագիծերով», Տեղեկատու, Յունուար 2001, թիւ 18, էջ 17։ 18. «Եգիպտահայ բանասէր Տիգրան Գէորգեան հիւանդացած», Ջահակիր, 4 Հոկտեմբեր 2012, թիւ 1691, էջ 3։ 19. Հ. Ա., «Կը վախճանի եգիպտահայ անուանի բանասէր եւ մատենագէտ Տիգրան Գէորգեան», Ջահակիր, 24 Յունուար 2019, նոր շրջան, թիւ 1833։ 20. Արեւ, 11 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.181 - 12 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.182։ 21. Արեւ, 10 Օգոստոս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.470։ 22. Տիգրան Գէորգեան, «Հայ ձեռագիր պարբերականները», Արեւ, 14 Մայիս 1982, 66-րդ
39
տարի, թիւ 19145։ 23. Աւետիս Եափուճեան, «Դաստիարակ բանասէրը. Տիգրան Գէորգեանի ծննդեան 50-ամեակին ու ուսուցչութեան 25-ամեակին առթիւ», Արեւ, 2 Յուլիս 1986, 70-րդ տարի, թիւ 20352, էջ 3։ 24. Տիգրան Գէորգեան, «Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով», Արեւ, 1 Հոկտեմբեր 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.748-էն մինչեւ 9 Դեկտեմբեր 1970, ԾԵ. տարի, թիւ 15.797։ Տե՛ս Բ. հատոր։ 25. Տիգրան Գէորգեան, Յակոբ Ս. Անասեան, «Հայկական հարց»-ը եւ հայկական կոտորածները. համապարփակ մատենագիտութեան փորձ, Գահիրէ, Հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Միութեան Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի, 1995։ 26. Քանի որ այս աշխատութիւնը հրապարակում մըն է եւ ոչ ինքնուրոյն ուսումնասիրութիւն, նախընտրեցի հրատարակել առանձին հատորով` անկախ իր աշխատութիւններու եռհատորեակէն (տե՛ս Ջահակիր, Յաւելուած ԼԴ.)։ 27. Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2003, հատոր ԻԳ., էջ 9-57։ 28. «Շրջանաւարտներու աւանդական պաղպաղակասեղանը. օրուան նախագահ Պր. Տիգրան Գէորգեանի խօսքը», Արեւ, 31 Յուլիս 1978, 64-րդ տարի, թիւ 18.034։ 29. «Լատինագէտ վարդապետը պարգեւատրուած», Տեղեկատու, Յունուար 2001, թիւ 18, էջ 11։ 30. Հ. Ա., «Տիգրան Գէորգեան` համակողմանի բանասէրը», Ջահակիր, 14 Յունուար 2016, թիւ 1758. 28 Յունուար 2016, նոր շրջան, թիւ 1759։
40
ՆԱԽԱԲԱՆ Ա. ՀԱՏՈՐԻ
Ներկայ հատորը կը բովանդակէ Տիգրան Գէորգեանի 21 աւարտուն ուսումնասիրութիւնները, որոնցմէ 14-ը տպագրուած են Արեւ օրաթերթին մէջ (19681982), 5-ը` Տեղեկատու եռամսեային (1999-2001), մէկ հատը լոյս տեսած է իբրեւ գիրք (Հ.Բ.Ը.Մ. Պատմական ակնարկ, 1981), իսկ մէկը մնացած է անտիպ («Գաղափարի զոհը` Արփիար Արփիարեան», 2002)։ Ասոնցմէ զատ տեղ գտած է Արեւի յօդուած մը (««Հետախոյզ հայ մարդը». իսթանպուլցի Կարպիս Ե. Մուրատեան», 1977), որ կը բացայայտէ իր նախորդ յօդուածի մը («Մխիթարեաններու գրական վաստակը», 1968) բառացի բանագողութիւնը։ Արփիար Արփիարեանի սպանութեան յատկացուած անտիպ աշխատութեան հանգամանքներուն մասին յիշատակած եմ Ա. հատորին մէջ։ Ներկայ հրատարակութիւնը հիմնուած է Մարտիրոս Պալաեանի մօտ գտնուող բնագիրներուն վրայ։
41
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ ´³Ý³ËûëáõÃÇõÝ` ܳÛÉ ÐáÉ ëñ³Ñ« 21 ö»ïñáõ³ñ 1968£ гݹÇëáõÃÇõÝ ØËÇóñ ²µµ³Ñûñ ê© Ô³½³ñ ÏÕ½ÇÇÝ ÙáõïùÇ 250-³Ù»³ÏÇÝ ³éÇÃáí£ «Մխիթարեանները սկզբից եւ եթ, համակրութիւն գտան ազգի մէջ, – կը հաստատէ պատմաբան Լէօ, – եւ թէ այդ միաբանութեան կատարած դերը հայոց պատմութեան մէջ անհունապէս մեծ է»։ Մօտաւորապէս այսպիսի հիացումով եւ երախտագիտութեամբ արտայայտուած են բոլոր անոնք, որոնք հայ մշակոյթի պատմութեան այս կամ այն մարզը ուսումնասիրելով, դէմ յանդիման գտնուած են Մխիթար Սեբաստացիի եւ անոր յաջորդներուն կատարած մեծ աշխատանքին եւ հայ ազգին մատուցած անոնց անգնահատելի ծառայութիւններուն։ Թէեւ ուրիշներ ալ այդ դարաւոր միաբանութեան նկատմամբ ցուցաբերած են շեշտուած հակակրութիւն մը եւ վերապահութիւն մը. ահա այդպիսիներուն համար է` որ կարծէք ըսած է եգիպտահայ գրական-քննադատ մը. Մխիթարեաններու գործը հրաշքի պէս բան մըն է, ինչ վարագոյր ալ ձգենք մեր աչքերուն ու մտքերուն վրայ։ ***
Հայ ժողովուրդի իմացական շարժումի պատմութեամբ զբաղող հեղինակներու վկայութեամբ, ԺԸ. դարը նախորդող երկու դարերուն` հայ վանքերն ու վանականութիւնը մատնուած էին անշուք վիճակի մը, երկրին մէջ գոյութիւն առած համաճարակներու, սովերու եւ մասնաւորաբար Հայաստանի տիրապետութեան համար` պարսկական եւ օսմանեան «դժպետութիւններու» միջեւ մղուած յաճախակի պատերազմներուն պատճառով։ Այդ շրջանի իմացական կեանքի պատկերը տալով, Առաքել Դաւրիժեցի պատմագիրը կ’ըսէ, թէ գիրք կարդացող չկար, որովհետեւ «անպիտանացեալ էր գիրքն յաչս մարդկան»։ Գիրքերը փակուած կը մնային հողի եւ մոխիրի տակ թաղուած։ Հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն, նոյն ժամանակներուն մերթ ընդ մերթ ասպարէզ եկած են լուսամիտ եւ ուսումնասէր դէմքեր, որոնք ջանացած են
43
վերականգնել հին դարերու հայ վանականութեան փառքը` հիմը դնելով Սիւնեաց Անապատի, Էջմիածնի, Նոր Ջուղայի նման վանքերու, ուր բեղուն գործունէութեամբ` քանի մը արժանաւորներ կրցած են դասուիլ անմահներու շարքը։ ***
ԺԸ. դարու սկիզբը` երկու «հոյակապ անձնաւորութիւններ» ձեռք առած են հայ ժողովուրդի վերածնութեան գործը։ Առաջինը` Իսրայէլ Օրին, Ղարաբաղի ազատատենչ ժողովուրդին հետ ծնունդ տուած է Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարին։ Ղարաբաղը ապստամբած է եւ Դաւիթ Բէկ հիմնած է անկախ իշխանութիւն մը։ Երկրորդը` Մխիթար Աբբայ, Սեբաստիայէն Պոլիս, եւ ապա Եւրոպա անցնելով, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզեակին մէջ վերստին ծնունդ տուած է հայ գրականութեան եւ նախնեաց լեզուին։ Գրականութեան պատմաբանները` հայկական վերածնունդի սկզբնաւորութիւնը կապած են Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան, 1701 Սեպտեմբեր 8։ «Հայկական Վեստայի պաշտամունքին նուիրուած կամաւորներու բանակը» Մ. Սեբաստացիի գլխաւորութեամբ, վտարանդի եւ հալածական կեանք մը վարելէ ետք, 1717 Սեպտեմբերի 8-ին հաստատուած է Ս. Ղազար կղզին, ուր տասնամեակներու ընթացքին` վանք, եկեղեցի, դպրոց, թանգարան եւ տպարան կառուցանելէ ետք, դարձած է` Աճառեանի հաստատումով` «հայոց ամենաբարձր ուսումնական հիմնարկութիւնը» եւ պարծանքը ամբողջ հայութեան։ Աճառեան` Ս. Ղազարը բաղդատութեան դնելով նախորդ դարու լուսաւորչական կրթական կեդրոններուն հետ, անաչառօրէն կ’ըսէ, թէ` Բաղէշի, Տաթեւի, Էջմիածնի եւ Նոր Ջուղայի դպրոցները տեւական չէին եղել. նոքա շատ կարճ կեանք էին ունեցել եւ մի փոքր ժամանակ փայլելուց յետոյ` հանգել էին։ Մխիթարը այնպիսի հիմքերի վրայ է դնում գործը, որ նա օրից օր զարգանում է եւ իբրեւ մի լուսաւոր աստղ փայլում է` հայկական խաւար հորիզոնի վրայ։ Մխիթարի ժամանակակից հայ վանականութեան պատկերը տալով, պատմաբան Լէօ ամբողջացնելով Աճառեանի դատումը, կը վկայէ, թէ` 18րդ դարի սկզբում հայ լուսաւորչական վարդապետները գրական աղքատ գործունէութիւն են ցոյց տալիս, եւ այս երեւոյթը անշուշտ, ուղղակի կախում ունի այն հանգամանքից, որ զարգացողութիւնն այդ ժամանակ շատ թոյլ էր առհասարակ։ Հայ վարդապետները ոչ միայն շատ բան չգիտէին, որ տան ընթերցողներին, այլ ամէն
44
տեղ միատեսակ հմտութիւն չէին ցոյց տալիս հայերէն լեզուի գրութեան մէջ։ Ասոր հակադրելով, կը գրէ, թէ` Կաթոլիկ վանականութիւնը, ինչ ասել կ’ուզի, աւելի շատ էր զարգացած, քան հայ լուսաւորչական վանականութիւնը, եւ այս ամէնից առաջ հէնց այն պատճառով, որ նա լեզուներ գիտէր, նրա առջեւ բացուած էր մի չափազանց հարուստ գրականութիւն եւրոպական զանազան լեզուներով, հետեւաբար եւ կարող էր մտցնել հայերի մէջ մի բարձր գիտութիւն։ Եւ իրաւ 18րդ դարի սկզբից կաթոլիկ հայ վանականութիւնը գլխաւորապէս թարգմանութիւնների, բայց մասամբ նաեւ ինքնուրոյն մշակումների միջոցով, աշխատում է հարստացնել իր սովորած գիտութիւնը, որ աշխարհայեցողութիւններ էր պարզաբանում, ըմբռնումներ եւ հայեցակէտեր էր դարբնում։ Այս գիտութիւնը մեր լեզուով կոչւում է իմաստասիրութիւն։ Այս վերջին խումբի զարգացած վանականներուն ջանքերով է, որ կը սկսին ազգային վերածնունդի աշխատանքները, դարաւոր լքումէ ետք, կրկին լոյս աշխարհ բերելով մեր նախնեաց գրականութիւնը։ ***
Այդ վանականներուն աննկուն առաջնորդն էր Մխիթար։ Չօպանեան հետեւեալ տողերով կը յաջողի պատկերացնել անոր եզական նկարագիրը. Կեանքը զոր վարեց Մխիթար, նկարագրի ոյժը զոր ցոյց տուաւ իր նպատակին հասնելու համար, այնքան մեծ են եւ գեղեցիկ` որքան գործը, որ իրմէ հիմնուած, ի կատար հանուեցաւ իր հանճարեղ յաջորդներուն ձեռքովը։ Ու զայն կը նկատէ Արժանաւոր յաջորդը Սահակի եւ Մեսրոպի, անոնց պէս հիմնադիր ամբողջ լոյսով զինուած գործի մը, որ անջնջելի է։ Լէօն ալ հիացումով կը գոչէ. Իսկապէս մեծ մարդ, որը մի ամբողջ դարագլուխ է կազմում մեր մտաւոր զարգացման պատմութեան մէջ եւ տարբերւում է իրենց առաջ եղած բոլոր հայ մեծ մարդկանցից։ Իսկ Թէոդիկ կը յայտարարէ, որ
45
Համօրէն հայերս կոչելու ենք զինք` ոչ միայն համանուան Ուխտին` այլ եւ հայ գրականութեան վերածնունդի հիմնադիրը, առանց այլ եւ այլի մեր երկրորդ Լուսաւորիչը։ Մխիթար իր ուժերը կը սպառէ վերածնունդը յառաջ բերելու համար նախանիւթեր հաւաքելով, եւ այդ շարժումը շարունակելու համար գործիչներ պատրաստելով։
Իր հոգւոյն մէջ ծրարած անբաւ սէրն եւ նուիրումը իր ցեղին յարութեան, – կը գրէ միաբան մը, – խռովքոտ Արեւելքէն թռաւ Արեւմուտք, եւ պանդուխտ ծիծեռնակի պէս նոր բոյն շինեց, նոր տաճար կերտեց, եւ իր հանճարին թափով յստակ ու վճռական գծեց բովանդակ ծրագիրը հայ վերածնունդի շէնքին` որ կը բովանդակէր հայ լեզուն` իր հինաւուրց շնորհին ու գեղեցկութեան մէջ, հայուն անցեալը իր փառապանծ դրուագներով, մեր հնութեան անգին յուշարձանները, մեր հաւատքը, մեր ցեղին երգը, եւ վերջապէս գիտութիւն ու գեղարուեստ, որով վերստին լոյս աշխարհ պիտի դիմէր ծաւարամած հայութիւնը։ Լէոյի հաստատումով` Մխիթար Սեբաստացիի հիմնած դպրոցը միայն գրագիտական դպրոց չէր, այլ մանաւանդ գրական մի մեծ դպրոց։ Վստահ կարելի է ասել, որ մի ամբողջ դար, գրեթէ մինչեւ 19-րդ դարի կէսը, այս դպրոցը միակ առաջաւոր հիմնարկութիւնն էր, որ գիտութիւն եւ լոյս էր մատակարարում հայերին, այնպէս որ այդ դարը մեր մտաւոր զարգացման պատմութեան մէջ կարելի է եւ պէտք է անուանել Մխիթարեան դար։
Գործունեայ աշխատանոց մը դառնալէ ետք, Մխիթարեան վարդապետները մեղուի նման շրջած են Հայաստանի զանազան անկիւնները հաւաքելով եւ կորուստէ փրկելով «ազգային մշակոյթի ծաղկահիւթերը», որոնք խնամքով տարուած են վենետիկեան լճակին վրայ հաստատուած մանրանկար Հայաստանը` «որ աւերակների ու ստրկութեան հայրենիք չէր, այլ գրքերի հայրենիք»։ Աճառեան կը բնորոշէ, թէ ինչ աշխատանք կատարեցին վենետիկեան դպրոցի հիմնադիրը եւ նոյն դպրոցին պատկանող տիտանները։ Մխիթարի կարեւոր դերը մեր գրականութեան մէջ` հայերէն լեզուի նախկին վիճակին վերականգնումն է։ Ինչպէս գիտենք, – կը շարունակէ ան, – ԺԴ. դարէն յետոյ մինչեւ Մխիթարի ժամանակը մեր լեզուն հասած էր ծայրագոյն անկեալ վիճակի. լատինաբանութիւնը` զոր մտցուցած էին ԺԴ. դարէն ետք, «Միաբանող» կոչուած թարգմանիչները եւ հեղինակները, գրաբարի տգիտութիւնը եւ կրթութեան պակասութիւնը ստեղծած էին ամենագռեհիկ գրականութիւն մը։ Մխիթար մտադիր եղաւ նախ մաքրել այդ լեզուն իր բոլոր գռեհկութիւններէն եւ հայերէնի նախնական վիճակը վերականգնել ըստ կարելւոյն։
46
Մխիթար ինք ալ ժամանակ մը գործածելով այդ «անհեթեթ լեզուն», յետոյ քիչ քիչ աշխատած է մաքրել զայն իր յետնադարեան կեղտերէն, եւ իր աշակերտներուն պատուիրած է որ շարունակեն սկսուած աշխատանքը։ Հետզհետէ մաքրուելով այլանդակուած լեզուն, կրնանք ըսել, թէ ԺԸ. դարու վերջը` Հ. Վրթանէս Ասկերեանի եւ Հ. Միքայէլ Չամչեանի ժամանակ այլեւս լատինաբանութիւն չկայ։ Եւրոպական ընտիր երկերու թարգմանութիւններով եւ բազմաթիւ գիտական եւ հայագիտական աշխատութիւններով, անոնք կը ճոխացնեն այդ շրջանի հայ աղքատիկ գրականութիւնը։ «Հայ գրական վերածնութիւնը արդէն կատարուած փաստ է, – կ’եզրակացնէ Աճառեան, – եւ այստեղէն կը սկսի հայոց նոր գրականութիւնը»։ ***
Ս. Ղազարի մէջ սկսած վերանորոգչական աշխատանքները տարածուած են հայաբնակ այլ եւ այլ վայրերու մէջ ալ. այս է պատճառը, որ այդ դարուն գրի առնուած են 530 անուն գիրք, մինչդեռ ԺԷ. դարուն` 130 անուն եղած է, իսկ ԺԶ.ին` միայն 20։ Որպէս օրինակելի հիմնարկութիւն` Լէօ կը հաստատէ, որ Արղութեան Սրբազանը Նոր Նախիջեւանի Ս. Խաչ վանքը հիմնելով, «մտածեց դարձնել այն մի գրական-հրատարակչական հիմնարկութիւն, Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան պէս եւ հէնց այդ միաբանութեան դէմ մրցելու համար»։ Այս իրողութիւնը հաստատած է նաեւ ուրիշ հեղինակութիւն մը.
Մխիթարեաններու անուան փայլը գնալով աճում է, – կը գրէ Աբեղեան, – 19-րդ դարու առաջին կէսը մի բուռն գործունէութեան շրջան է նրանց համար, երբ նրանք հրապարակը լցնում են իրենց գրական աշխատանքներով եւ թարգմանութիւններով, աւելի շատ գրքերով, քան կարդացողներ կային եւ շատ շատ աւելի, քան հասկացողներ։ Այսպիսով Մխիթարեանները գլուխ են բերում այն, որ երկու հարիւրից աւելի տարիներ առաջ ձեռնարկել էին հայ վարդապետներն Արեւելքում, բայց բուն երկրի մէջ մեծամեծ դժուարութիւնների եւ քաղաքական դժբախտ պատահարների հետ կապուած լինելով` գլուխ չէր գալիս այնպէս, ինչպէս կը ցանկանային կատարած լինել այդ գործի համար աշխատողները։ Մխիթարեանները իրենց ձեռքն են առնում գրականութեան վերածնութիւնը եւ վայելելով եւրոպական յարմարութիւնները, խաղաղ ու անվտանգ կեանքի դիւրութիւնը` անընդհատ առաջ են տանում։ ***
47
Գրական վերածնունդ մը յառաջ բերելու համար անհրաժեշտ էր լեզուի կանոնաւորութիւնը, եւ Մխիթար Աբբայ հայերէն լեզուն անաղարտ աւանդելու համար նախ կը հրատարակէ գրաբար քերականութիւն մը, ուր սակայն չէր կրցած բոլորովին ձերբազատուիլ Միաբաններու լատինական ձեւերէն։ Մխիթարի պէս կանխատես միտք մը, բնականաբար պիտի չարհամարհէր աշխարհաբար լեզուն, եւ անոր հետագայ զարգացումը գուշակելով է, որ պատրաստած է երկու քերականութիւններ. մէկը` ընդարձակ, անտիպ մնացած, իսկ միւսը` տպագրուած։ Այս մասին փարիզահայ ուսումնասէր մը կը գրէ. Մխիթարեանները որոնք պաշտամունք ունին մեր սուրբ լեզուին, չվախցան սակայն գործածելէ ռամկօրէնը, այն լեզուն` զոր կը խօսէր կորստեան դռները հասած մեր ժողովուրդը։ Եւ Մխիթարեանները խօսեցան այդ լեզուով, բայց հետզհետէ մաքրելով, ստկելով, զտելով ու յղկելով։ Արդի աշխարհաբարին առաջին ուսուցիչներն են Մխիթարեանները։ ***
Մխիթարի հսկայական գործն է Բառգիրք հայկական լեզուին, լոյս տեսած 1749 Մայիսի 17-ին, հեղինակին մահէն 22 օր ետք։ Այդ «Բացատրական հարուստ բառարանը» Լէոյի վկայութեամբ «դարագլուխ» մը կը կազմէ մեր գրականութեան մէջ, որուն յատկութիւնները անգնահատելի են։ Հայերէն բառարանի առաջին ընդարձակ փորձն է ասիկա, սկսած 1727-ին, երկար ժամանակ ընդհատելէ ետք, վերսկսուած 1742-ին։ Աշխատութիւնը երկար տարիներու պտուղ է ոչ միայն Մխիթարի, այլ եւ իր աշակերտներուն տքնութեամբը հասունցած։ Հայկազեան բառարանի նշանակութիւնը չափազանց մեծ է եղել հայ բառարանագրութեան պատմութեան մէջ, – կը կարդանք այդ մասին նորագոյն ուսումնասիրութեան մը մէջ։ – Այդ գործը գրեթէ մէկ հարիւրամեակի ընթացքում անվերապահօրէն ճանաչուել է որպէս հայերէնի միակ լաւագոյն բառարանը, որ ընդգրկում է հայերէնի բառային կազմը համեմատաբար լրիւ ծաւալով։ Բառարանը հիմք է ծառայել, մօտ հարիւր տարի յետոյ հրատարակուած Նոր Հայկազեան բառարանին` Երից Վարդապետաց անունով ալ ծանօթ, որ իբրեւ բառարանագրական աշխատանք, ըստ ամենայնի չգերազանցուած է մնում առ այսօր։ Մխիթարէն ետք, հայերէն լեզուի կոկումը կատարած են Հ. Միքայէլ Չամչեան եւ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեան. իսկ ամէնէն կատարելագործուած քերականութիւնը պատրաստած է Ի պետս զարգացելոցի անգերազանցելի հեղինակը` Հ. Արսէն
48
Բագրատունին։ ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն եւ ԺԹ. դարու առաջին քառորդին, հայ միտքին վրայ տիրապետող դէմքը կը հանդիսանար Հ. Միքայէլ Չամչեան, ազգայիններու կողմէ ճանչցուած «Երկրորդ պատմահայր Հայոց» եւ Հռոմի գիտական շրջանակներուն մօտ ալ ծանօթ եղած է որպէս «սարսափելի աստուածաբան»։ Չամչեան իր քերականութեամբ եւ եռահատոր լիակատար պատմութեամբ կը բարձրացնէ Մխիթարեաններու հռչակը եւ հայ ժողովուրդին ազգային գիտակցութիւնը։ «Դարագլուխ» կազմող եւ «ԺԸ. դարու գրական կոթող» հանդիսացող այս «հռչակաւոր» գործին մասին տեսնենք թէ ինչպէս կ’արտայայտուի Չօպանեան. Չամչեան, որ միեւնոյն հայրենասիրական ձգտումով ու ծրագրով վերսկսած է Խորենացիին գիրքը, անշուշտ շատ աւելի ընդարձակ, բազմատարր ու լիալիր ձեւով մը կատարած է զայն, եւ արդի հայութիւնը եթէ խրոխտ անցեալի մը զաւակն ըլլալուն գիտակցութիւնն ունեցած է` ատիկա կը պարտի ոչ թէ ուղղակի Խորենացիի, այլ Չամչեանի գործին եւ անկէ ծնած բազմաթիւ Հայոց Պատմութեան դասագրքերուն։ Այստեղ դարձեալ դիմելով Լէոյին, կը կարդանք. Չամչեանի մեծ երախտիքն այն է, որ անօրինակ տոկուն ջանասիրութեամբ մի ամբողջութիւն դարձրեց հայոց պատմութիւնը։ Եւ, ամէն անգամ, երբ որոնող աչքը կանգ կ’առնէ այս գրական մեծ դէմքի վրայ, նա կը տեսնի իր առջեւ մի հսկայ խելք` ուսումնասիրական փայլուն յատկութիւններով։ Նա իր դարի զաւակն էր, լուսաւորուած վանականութեան արդիւնքը։ ***
Մխիթարեաններու գրական վաստակին մէկ կարեւոր մասը կը կազմէ դասական գլուխ-գործոցներու բնագրէն թարգմանութիւնները։ Այդ մարզին մեծագոյն վարպետն է Հ. Արսէն Բագրատունին, եւ իր երկու աշակերտները` Գէորգ եւ Եդուարդ Հիւրմիւզ եղբայրները, որոնք իրեն նման եղած են ճարտար թարգմանիչներ, մեր գրականութիւնը ճոխացնելով գեղեցկագոյն գործերով։ Չօպանեան այս պարագան արդարօրէն կը մատնանշէ. Մեթոտիկ գործունէութեան, կանոնաւոր գիտակից աշխատութեան ձգտումն է, որ Մխիթարի եւ իր յաջորդներուն գործը աւելի կատարեալ եւ յստակ կը կացուցանէ քան Ե. եւ ԺԲ. դարերու հայ մտաւորականներու գործը։ Հ. Արսէն եւ Հ. Եդուարդ Հիւրմիւզ շատ աւելի լայն չափով մը արեւմտեան մտածումն ու գեղեցկութիւնը ներմուծած են հայ մատենագրութեան մէջ քան Ե. դարու բոլոր թարգմանիչները մէկանց, որոնց ճիգը կրօնական
49
մտահոգութենէն տիրապետած` միակողմանի եւ սահմանափակ է եղած հարկաւորաբար, մինչդեռ Մխիթարեանները ամբողջ Արեւմուտքը բացին հայ միտքին առջեւ իր հին ու նոր ամէն տեսակ ճոխութիւններովը։ Բագրատունիի եւ Հիւրմիւզի թարգմանութիւնները առանց շովինութեան որեւէ մեղադրանքի արժանանալու` կարելի է Լը Քոնթ տը Լիլի հանճարեղ թարգմանութիւններուն հաւասար նկատել։ ***
Ժողովրդական զանգուածին Մխիթարեան ամէնէն ծանօթ դէմքն է Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը` բանաստեղծ, գիտնական եւ դաստիարակ, որ տիրապետած է ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն գրագէտներուն վրայ։ Անոր շունչով դաստիարակուած աշակերտները` ըլլայ Փարիզ թէ Վենետիկ, հետագային տիրական դէմքերը դարձած են արդի հայ գրականութեան։ Ալիշան իր հայրենասիրութեամբ եւ գիտութեամբ դարձած է հայութեան կուռքը, եւ երբ մեռած է «մահը ազգային սուգի մը համեմատութիւնները առաւ. ու պէտք էր որ այդպէս ըլլար», գրած է Սուրէն Պարթեւեան։ Չօպանեան հիացումով կը գրէ, թէ Ալիշանի բանաստեղծութեանց մէջ կան էջեր, որ մտածումին խորութեամբն ու ձեւին բարդ ու նուրբ գեղեցկութեամբը` Հիւկոյի կամ Պայրընի հաւաքածոյի մը մէջ պիտի կրնային տեղ ունենալ։ Իսկ անցեալ դարու կարեւոր դէմքերէն` Մ. Չերազ, «հին ու նոր հայերին առաջին քերթողը» նկատած է զայն։ ***
Անհնար է խօսել հայ նոր շրջանի թատրոնի սկզբնաւորման հետ կապուած այս կամ այն հարցի մասին, լինի դա կապուած արեւմտահայ իրականութեան հետ, թէ արեւելահայ, առանց խօսելու Մխիթարեանների մասին, քանի որ այդ միաբանութեան դպրոցներն աւարտած աշակերտները հիմք են դրել ոչ միայն արեւմտահայ թատրոնին, այլեւ նրանց գործունէութիւնը հասել է մինչեւ Ղրիմ, իսկ Մխիթարեան սաներ հանդիսացող հայ թատերագիրներու փիէսները երկար տասնամեակներ խաղացուել են հայ բեմում, կը գրէ արեւմտահայ թատրոնի պատմութիւնը հետազօտող Գառնիկ Ստեփանեան։
Թատրոնը որպէս գրական սեռ Մխիթարեաններու միջոցով սկսած է առաջին անգամ մշակուիլ։ Քաղաքակիրթ ժողովուրդներու նման` անոնք թատրոնը նկատած են զանգուածի դաստիարակութեան նպաստող կարեւոր ազդակներէն
50
մէկը։ Մխիթարեաններէն առաջ, 1668-ին, Լեհաստանի Լեմպերկ քաղաքին Թէաթինեան վարժարանի հայ աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած է Հռիփսիմէ անունով տաղաչափեալ ողբերգութիւն մը` գրուած նոյն կարգի կրօնաւորներէն Ալեքսիանոս անունով մէկուն կողմէ։ Հին դարերուն` հեթանոս Հայաստանի մէջ հելլէն գեղարուեստը մուտք գործած էր, եւ օտար դերասաններ ներկայացուցած են յունական ողբերգութիւններ։ Պղուտարքոս յոյն պատմիչին վկայութեամբ, Մեծն Տիգրանի որդին` Արտաւազդ Բ. թատերական գործերու հեղինակ եղած է. սակայն, դժբախտաբար անոնցմէ ոչ մէկ նմոյշ հասած է մեզի։ Քրիստոնէութիւնը արգելք եղած է հայոց մէջ թատրոնի գոյատեւումին եւ զարգացումին։ Յովհան Մանդակունի հայրապետին նման եկեղեցական ղեկավարներ բուռն կերպով պայքար մղած են ժողովրդական ներկայացումներուն դէմ։ Հետեւաբար, հայ թատրոնի հիմնադիրները կը հանդիսանան Մխիթարեանները, որոնք ԺԸ. դարու կէսէն առաջ իսկ թատերական փորձեր կատարած են։ Թատերական արտադրութիւններու խորքը եղած է առհասարակ կրօնական եւ ազգային նիւթեր։ Հայ առաջին բեմին դերասանները եղած են Ս. Ղազարի աշակերտները։ Դերուսոյցը, բեմայարդարը եղած են յաճախ խաղերուն հեղինակները։ Իսկ որպէս թատերասրահ գործածուած է վանքին սեղանատունը` պատշաճօրէն յարդարուած։ Բարեկենդանի օրերուն եւ Վարդանանց տօնին առիթով, հրաւէր ղրկուած է իտալաբնակ, նոյնիսկ Թրանսիլվանիոյ հայերուն, ներկայացումներուն ներկայ գտնուելու համար։ Այս սովորութիւնը աւանդաբար մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի։ Սովորաբար այդ օրերուն ներկայացուցած են ողբերգութիւններ` դասական լեզուով, եւ կատակերգութիւններ` աշխարհիկ բարբառով, մանաւանդ Պոլսոյ հայերէնով։ Մխիթարեան թատերագիրները` թատրոնի միջոցով ազգին սիրել տուած են կրօնքի եւ հայրենիքի պաշտպանները եւ անցեալի բոլոր փառքերը։ Ս. Ղազարէն ետք, 1810-ին, թատերական գործունէութիւն կը սկսի Պոլսոյ մէջ, Հ. Մինաս Բժշկեանի նախաձեռնութեամբ։ ***
Մխիթարեաններու գրական աշխատանքները ղեկավարուած են հայկական ճեմարանէն` հաստատուած 1810-ին, Մեծն Նափոլէոնի հրովարտակով, եւ
51
Ադոնց Աբբահօր ջանքերով։ Հայկական ճեմարանի գործունէութեան համբաւը ծաւալելով, եւրոպական կրօնական եւ այլ գիտական կաճառներ անդամ ընտրած են Մխիթարեան հայրեր` անոնց բարձրարժէք գործերուն համար։ Իսկ եւրոպացի գիտնական հայագէտներ` Լանկլուայի, Գելցէրի, Հիւպշմանի, Մառի եւ Ֆէյտիի նման, հպարտանքով անդամակցած են Հայկական Ճեմարանին։ Ճեմարանի գործունէութեան դաշտը եղած է պատմական, հնախօսական, աստուածաբանական, ծիսական եւ այլ ճիւղեր։ Իսկ հրատարակչական գործունէութեամբ` Մխիթարեանները գրեթէ ամբողջութեամբ տպագրած են նախնեաց գործերը։ Ամէնէն կարեւոր դերը ճեմարանին` եղած է այն, որ կամուրջ հանդիսացած է եւրոպական քաղաքակրթութիւնը հայուն փոխանցելով, եւ փոխադարձաբար հայկական արժէքներն ալ եւրոպացիներուն ծանօթացնելով։ Այս դերին իսկական նշանակութիւնը` Չօպանեան կը ճշտէ սա խօսքերով. Մխիթարեանները ուղղակի ազդեցութիւնը կրելով յոյն, լատին աշխարհի ոգիին, ամէն ճիւղի մէջ լոյս ու կարգ մտցուցին։ Եւրոպայի դասական հրաշակերտները հայերուն ծանօթացնելու եւ ինքնագիր արտադրութիւններով մեր մէջ բանաստեղծական վերածնունդ մը յառաջ բերելու գործը կատարեցին յստակ ու լայն ծրագրով մը, որուն պէս ոչ մէկ մտաւորական խումբ դեռ չէր ունեցած հայոց մէջ Հայկէն ի վեր։ Ու շարունակելով իր դատաստանները, կը յաւելու. Արուեստագէտ ու եւրոպացի, ահա ինչ որ եղած են Մխիթարեանները եւ իրենց աշակերտները։ Մեր թրքախառն բարքերուն թանձր գռեհկութեանը մէջ, անոնք, ազատութեան ու գեղարուեստի մէջ զարգացող ազգերու հոգին, ոճը, ձեւերը բերած են։ Ոսկի տառերով արձանագրելու է նաեւ Լորտ Ճէյմս Պրայսի այն նկատումը, թէ մարդկային ոչ մէկ հաւաքականութիւն այնքան աշխատեր է հետախուզել ու ծանօթացնել հայ ազգին պատմութիւնը, որքան ըրած է Վենետիկի Մխիթարեան Տունը իր յարատեւ ջանքերով ու հմտութեամբ։ Հակառակ ժամանակաւոր նուաղումներու, Հայկական ճեմարանը իր գոյութիւնը եւ կենսունակութիւնը պահած է մինչեւ այսօր։ Համեստ պայմաններու մէջ կատարած է այն դերը` ինչ որ կը կատարէ այսօր Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան, պետական հովանաւորութեամբ։ ***
52
Մխիթարեան Միաբանութեան կարեւոր ձեռնարկներէ մէկն ալ Բազմավէպ հանդէսին հրատարակութիւնն է, որ աւելի քան դար մը գաղափարի փարոս հանդիսացած է, եւ այսօր հայ պարբերական մամուլին երիցագոյն ներկայացուցիչն է։ Հնդկահայ վաճառականներու մղումով եւ մեկենասութեամբ, 1794-ին, առաջին անգամ հայերէն թերթ հրատարակած է Շիրազեցի Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեանը։ 1799-ին, հրապարակ կ’իջնէ հայ աշխարհիկ լրագրութեան հիմնադիրը` Հ. Ղուկաս Ինճիճեան, որ լաւ նկատած էր աշխարհաբար լեզուին կատարելիք հետագայ նուաճումները։ Մինչեւ 1802, ան հրատարակած է Տարեգրութիւնք անունով պրակներ, որոնք լոյս տեսած են տարուան վերջը, քաղաքական դէպքերու, գիտական եւ այլ պիտանի ծանօթութիւններու բովանդակութեամբ։ 1803-ին, Տարեգրութիւնքի պրակներուն յաջորդած է Եղանակ բիւզանդեան. Բազմավէպը, որ տեւած է մինչեւ 1820։ 1812-ին, Տիւզեան չէլէպիներուն մեկենասութեամբ` Պոլսոյ մէջ հիմնուած է Արշարունեանց ընկերութիւնը, որուն ծախքով Վենետիկի մէջ լոյս տեսած է Դիտակ բիւզանդեան անունով երկշաբաթաթերթ մը` դարձեալ Ինճիճեանի խմբագրութեամբ։ Իբր ապացոյց այդ թերթին գտած ժողովրդականութեան, պէտք է ըսել, թէ 3000է աւելի բաժանորդ ունեցած է։ Ինճիճեանով սկսած լրագրական շարժումը ծաւալած է Հնդկաստանի, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ ալ։ Անոնք եղած են առաւելաբար լրաթերթեր։ Այդ ժամանակ պահանջ զգացուած է գիտական-գրական հանրամատչելի հանդէսի մը` Բազմավէպի, որուն խմբագրութեան ձեռնարկած է Հ. Գաբրիէլ Այվազովսքի, 1843-ին, օժանդակ ունենալով Ալիշանի նման ձեռնհաս ուժեր։ Բազմավէպ իր հարիւրամեայ գոյութեան ընթացքին` աստիճանաբար յեղաշրջումներ կրած է, համաձայն իր ընթերցողներու զարգացումին եւ մտածողութեան, միշտ քայլ պահելով ժողովուրդին եւ քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան հետ։
Իր բոլոր յատկանիշներէն առաջ, – ըսած է մէկը, – եւ բազմաթիւ են անոնք` զորս մեր գրականութեան պատմութիւնը պիտի շնորհէ իրեն, պէտք է խոստովանիլ եւ բարձրաղաղակ յայտարարել, թէ Բազմավէպ դպրոց մը եղաւ ազգակերտութեան։ ***
Մխիթարեաններուն գործը, – ըսած է եգիպտահայ մտաւորական մը, – նախա-
53
տեսուածէն շատ աւելի, մեզի կը ներկայանայ փարոսի պատկերով, որ հեռաւոր խաղաղ կղզիէ մը կը ճառագայթէ, ուղեցոյց ըլլալով մեր մտքի նաւերէն շատերուն, որոնք մութին ու մշուշին մէջ կը խարխափին, շրջապատուած բազմազան խարակներէ, հին ու նոր դարերէն։ Կրնա՞նք չդիմել անոր, երբ մթութեան ու շփոթի առջեւ գտնենք մենք մեզ։ Ապա կը յաւելու. Ով աւելի շատ իրաւունք պիտի ունենայ հայ միտքն ու մշակոյթը ներկայացնելու պատուով ու ամբողջական կերպով, քան Մխիթարեանները, համաշխարհային մշակութային շքահանդէսի մը մէջ։ Կրնա՞նք հպարտ չըլլալ իրենց երկհարիւրամեայ փառահեղ գործովը։ Կրնա՞նք մանաւանդ երախտապարտ չըլլալ։ Երկուքուկէս դարու գրական վաստակ մը` հաշուըուած վայրկեաններու ընթացքին, կարելի էր ներկայացնել միայն թռչնաթիռ ակնարկով մը։ Վերջացնելու համար զայն, անպայման պէտք է ըսել ամերիկացի խորհող Էմըրսընի սա բնորոշ խօսքը, թէ` Գործը աւելի կ’արժէ, քան այդ գործին մասին ըսուած խօսքերը։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 8 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.994 9 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.995 10 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.996 11 Ապրիլ 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.997
54
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԷՊՈՍԸ` ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ Դու` անգիր վէպ, դու` Սասնայ ծուռ... ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ ´³Ý³ËûëáõÃÇõÝ` Ð³Û ¶»Õ³ñáõ»ëï³ëÇñ³ó ØÇáõû³Ý ¿ù¿»³Ý êñ³Ñ« 29 ÚáõÝáõ³ñ 1975£ Հայուն հոգիին եւ միտքին թափանցել ուզողը` մասնաւորաբար պէտք է դիմէ հայ ոգեկանութիւնը պարփակող բանահիւսական գանձերուն. այնտեղ պիտի գտնէ հայուն նկարագրին վեհագոյն գիծերը` հայրենասէրն ու մարդասէրը, ազատաբաղձը, աշխատանքի ու խաղաղ կեանքի ջատագովը։ Այդ ուղիով հայուն հոգեկան աշխարհը թափանցող առաջին եւ մեծ երախտաւորը պէտք է նկատել Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցը, որ Խրիմեան Հայրիկի ստեղծած գաղափարական մթնոլորտին մէջ դաստիարակուած առաջին սաներէն եղած է։ Իր մեծանուն ուսուցիչին նման` Սրուանձտեանց խորապէս վշտակցելով իր հարազատ ժողովուրդին ցաւերուն, անդադրում գործած է անոր վէրքերը դարմանելու համար, շրջագայելով Արեւմտեան Հայաստանի բովանդակ տարածութիւնը։ Սրուանձտեանցի կատարած ուղեւորութիւնները` առիթ տուած են իրեն, որ ժողովուրդին մօտ գուրգուրանքով պահուած անգիր հարստութիւններուն տեղեկանայ եւ մաս-մաս ամփոփէ իր հաւաքածոներուն` Գրոց ու բրոցի, Հնոց եւ նորոցի, Մանանայի, Թորոս աղբարի եւ Համով-հոտովի մէջ, որոնցմով փառաւոր դիրք գրաւած է թէ՛ հայ գրականութեան եւ թէ՛ հայ ֆոլքլորագիտութեան պատմութեան մէջ` իրագործելով ԺԹ. դարու լուսաւորութեան մեծ ռահվիրայ Խաչատուր Աբովեանի այն նախատեսութիւնը, թէ գրականութեան համար չափազանց արժէքաւոր գանձ կը լինէր, եթէ մէկը ժամանակ եւ միջոցներ ունենար հասարակ ժողովուրդին բազմազան երգերը, պատմութիւնները, անեկդոտները եւ առակները հաւաքելու։ Հարիւրամեակ մը առաջ, գիտական հասարակայնութեան մօտ, Սրուանձըտեանց նուաճած է հայ ժողովրդական էպոսի ամէնէն ծանօթ ճիւղին` Սասունցի Դաւիթը յայտնաբերողի առաջնութեան պատիւը։
55
Սասնայ Դաւիթի գրառումի 100-ամեակին առիթով, պիտի ջանանք համառօտակի տեղեկութիւններով բացայայտել էպոսին բովանդակութեան, գաղափարախօսութեան, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական արժանիքներուն մասին կուտակուած ծովածաւալ նիւթը։ ***
Թէ ի՞նչ է ժողովրդական վէպին էութիւնը, կամ թէ ի՞նչ են անոր կազմութեան շարժառիթները` ժամանակակից ֆոլքլորագիտութեան մէջ այդ հարցադրումները կը բացատրուին հետեւեալ ձեւով։ Աւանդութիւններուն եւ ժողովրդական վէպին կամ էպոսին միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ կապն ու առընչութիւնը` ակներեւ է։ Սովորաբար աւանդութիւնները ստեղծուած են այս կամ այն ժողովուրդին հայրենի բնաշխարհին աչքառու յուշարձաններուն, առարկաներուն եւ անոր կեանքին մէջ կատարուած նշանակալից դէպքերուն եւ գործող անձերուն շուրջ։ Զանազան դարերու ստեղծուած այդ կարգի աւանդութիւնները, աւանդական զրոյցները, առասպելները եւ վիպական երգերը ժամանակի ընթացքին համախմբուած են տուեալ ժողովուրդին պատմական ճակատագրին համար բախտորոշ նշանակութիւն ունեցող ռազմա-քաղաքական որեւէ մեծ իրադարձութեան եւ անոր գլխաւոր հերոսին շուրջ, ձուլուած են իրարու հետ եւ ստեղծագործաբար վերամշակուելով` կազմած են ծաւալուն եւ ամբողջական ժողովրդական վէպ մը կամ էպոս մը։ Ժողովրդական աւանդութիւններու, աւանդական զրոյցներու, առասպելներու ու վիպերգներու նմանօրինակ ստեղծագործական համադրութենէն ծնունդ առած են սումերական Գիլգամէշը, յունական Իլիականը, հնդկական Ռամայանան, ֆինլանտական Կալեւանան, հայկական Սասունցի Դաւիթը եւ շատ ուրիշ ժողովուրդներու էպոսներ։ Իսկ ի՞նչպէս կը բնորոշուին ազգային աւանդութիւններուն առանձնայատկութիւնները. պարզուած է, թէ անոնց մէջ դրոշմուած է տուեալ երկրի բնակչութեան մեծամասնութեան կեանքին եւ պայքարին պատմութիւնը ուր կ’արտացոլան ժողովուրդին հոծ զանգուածին համընդհանուր ձգտումներն ու ակնկալութիւնները։ Այս առումով` անցեալի գրաւոր պատմութիւններէն արժէքաւոր համարուած են Հերոդոտոսի կամ Մովսէս Խորենացիի երկերը, որոնց մէջ առատօրէն օգտագործուած են ժողովրդական աւանդութիւններուն ընձեռած պատմական արժէքաւոր տուեալները։ Ժողովուրդին համար` իր երկրին աւանդութիւններով կենդանի են անցեալն ու հերոսները, – կը մեկնաբանէ Աւետիք Իսահակեան։ Ժողովուրդը կը հաւատայ իր ազգային աւանդութիւններուն, անոնց իրական
56
ըլլալուն, պատմականութեան։ Երբ այլեւս դադրի հաւատք ընծայելէ անոնց` ժողովուրդը կը չորնայ, կը կորսնցնէ երկրի բանաստեղծութեան զգացումը, անոր նուիրականութիւնը։ Երկիրը, հայրենիքը ժողովուրդին համար կը դառնայ օտար երկիր...։ Էպոսին նման եւ անոր հետ միասին, այդ աւանդութիւնները կը հանդիսանան իւրաքանչիւր ժողովուրդի բանարուեստին ամէնէն ինքնատիպ ստեղծագործութիւնները, ուր, որեւէ տեղէ աւելի, ժողովուրդը արտայայտած է ինքզինք, իր պատմական ձգտումներն ու ինքնատիպ բովանդակութիւնը, որոնցմով կը զանազանուի միւս ժողովուրդներէն։ Հազարամեակի մը ընթացքին հիւսուած-ձեւաւորուած եւ հարիւրամեակի մը ընթացքին հետազօտուած-ուսումնասիրուած Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպը` հայ բանահիւսութեան մէջ կը գրաւէ բացառիկ տեղ մը, որպէս հայ ժողովուրդի ստեղծագործական հանճարին յաւերժական կոթողներէն մէկը, ուր դիւցազնական-գեղարուեստական խոր ընդհանրացումներով կ’արտացոլայ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը։ Ամբողջ դիւցազնավէպը` բանաստեղծական պատմութիւն է կամ պատմական բանաստեղծութիւն։ Զայն ստեղծող ժողովուրդին հազարամեայ տարեգրութիւնն է. անոր կենցաղին, բարքերուն, հաւատալիքներուն, իղձերուն մարմնացումը։ Մէկ խօսքով` վէպը ինքը ժողովուրդն է, կը բնութագրէ էպոսին հմուտ հետազօտողներէն եւ տեսաբաններէն` Մանուկ Աբեղեանը։ Էպոսը յօրինուած է աւատապետական ներքնախաւերու մօտ` շինականի անշուք խրճիթներու մէջ, «սուրբ օճախի շուրջը նստած», աւատական ապարանքներու պերճանքէն հեռու, եւ դարեր շարունակ` սերունդէ սերունդ փոխանցուելով, բանաւոր կերպով պահուած է ժողովուրդին լայն խաւերուն մօտ, եւ զանազան պատումներով ճոխանալով հասած է մինչեւ մեր օրերը։ Այս դիւցազներգութեան յօրինումի ժամանակաշրջանը կը նկատուի Ը-Ժ. դարերը` երբ համաժողովրդական մաքառումով, հերոսամարտերով, հայ ժողովուրդը կը ցուցաբերէր իր ազատասիրական ոգին, եւ անկախ ապրելու իր կամքը կը պարտադրէր օտար նուաճողներուն ու հարստահարիչներուն։ Առանց ժամանակագրական կարգը պահելու մտահոգութեան, պատմական եղելութիւններու ընդհանուր մթնոլորտի մէջ մարմնաւորուած է Է-Ժ. դարերու քաղաքական իրադարձութիւնները` որոնցմով կարելի է բացայայտել էպոսին եւ իրական պատմութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ առընչութիւնը։ Միջին դարերու քաղաքական անցուդարձերէն բոլորիդ ծանօթ է, թէ Հայաստանի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածները հարկատու եւ հպատակ երկիր դարձնելու նպատակով` արաբական խալիֆայութիւնը կը կատարէր ռազմական գործողութիւններ, որոնց դէմ ազատագրական կռիւներ կը մղէին, եւ զինեալ ապստամբութիւններով կը ծառանային հայ ժողովուրդին քաջարի զաւակները,
57
Հայաստան ղրկուած ոստիկաններն ու հարկահանները յաճախ դժուար վիճակներու մատնելով։ Ահա այդ դարաշրջանի ընդհանուր ոգին եւ էութիւնը դրսեւորուած կը գտնենք էպոսին մէջ` ժողովրդական զանգուածներու հաւաքական հայեացքներուն առարկայական եւ անաչառ մեկնաբանութեամբ, հասարակութեան մեծամասնութեան ունեցած ճիշտ վերաբերումը` պատմական իրականութեան նկատմամբ։ Այդպէս է, որ էպոսը իր հերոսներով ու գործող անձերով սերտօրէն կապուած է ժողովուրդին ապրած բնաշխարհին, կենցաղին, բնաւորութեան, հոգեբանութեան, հաւատալիքներուն, մշակոյթին, ընկերային-տնտեսական յարաբերութիւններուն եւ քաղաքական ճակատագրին հետ։ Համաշխարհային գրական ծալքերուն լաւագոյն գիտակներէն Մաքսիմ Կորքին` ճիշտ գնահատելով պատմութեան մէջ ժողովուրդին ունեցած դերը, զայն համարած է հոգեւոր արժէքներու միակ եւ անսպառ աղբիւրը։ Բանահիւսական կամ գրական ստեղծագործութիւններու ժողովրդայնութիւնը կ’որոշուի անոնց պարփակած գաղափարներուն խորութեամբ եւ գեղարուեստական կատարելութեամբ։ Մեր դիւցազնական վէպին բուն օրրանը` Սասունն է։ Սասուն տեղանունին մասին հայկական աւանդութիւն մը կը պատմէ հետեւեալը. Տալւորիկցի Մրգոյի եւ Պետոյի տունին գերաններէն մէկը` ճնշուելով հողին ծանրութենէն, օդին մէջ կը կախուի։ Մօտիկ գտնուողները սարսափահար կը գոռան. «Սի՛ւն բերէք, սի՛ւն»։ Մինչեւ սիւնին բերուիլը, եղբայրներէն մէկը, որ ներկաներուն մէջ հասակով ամէնէն բարձրն էր, տեղէն վեր ցատկելով` ձեռքը դէմ կը դնէ օդին մէջ կախուած գերանին եւ կ’ըսէ. «Հայդա, ես մսայ սուն»։ Բոլորը միաբերան կատակելով ձայն կու տան. «Մրգոն մսայ սուն է, մսասուն...»։ Այդ դէպքէն ետք, գաւառը կը կոչուի Մսա-սուն, որ բերնէ բերան` կը դառնայ Սասուն։ Իսկ ժողովրդական ստուգաբանութիւնը Սասուն յատուկ անունը կը բացատրէ գաւառական Սասում բառով, որ կը նշանակէ Աստուծոյ ցասումը, երկնային պատիժ, պատուհաս, որ կ’արտայայտուի հասարակական աղէտներով` ինչպէս կարկուտ, երաշտ, տարափոխիկ հիւանդութիւններ, մորեխ եւ այլ չարիքներ։ Էպոսը Սասունի մէջ յօրինուելէ ետք, տարածուած է Հայաստանի տարբեր շրջանները, եւ բովանդակութեամբ ճոխանալով` դարձած հայ ժողովուրդին դիւցազնավէպը. իսկ Դաւիթ ոչ միայն Սասնայ հերոս է, այլ բովանդակ հայութեան հերոսական ոգիին խորհրդանիշն է, հայ ժողովուրդին դարաւոր երազանքներուն եւ յոյզերուն արտայայտիչը։
58
Էպոսը մեզի հասած է զանազան անուանումներով. Սասնայ ծռեր, Ջոջանց տուն, Քաջանց տուն։ Չորս ճիւղեր` Սանասար եւ Բաղդասար, Մեծ Մհեր, Սասունցի Դաւիթ եւ Մհեր Փոքր կը կազմեն էպոսին ամբողջութիւնը։ Սասունի տէրերուն պատմութիւնը` որ քառասուն գիշերուան ընթացքին կը պատմուի եղեր Հայր մերի պէս սերտուած շատ վարժ ասացողներու կողմէ, մեր կողմէ պիտի ուրուագծուի շատ սեղմ գիծերու մէջ։
ՃԻՒՂ ԱՌԱՋԻՆ ՍԱՆԱՍԱՐ ԵՒ ԲԱՂԴԱՍԱՐ Ողորմի՛ ասենք հայոց Գագիկ արքային, Ու դառնանք` չասենք ողորմի գազան խալիֆին, Ասե՛նք ողորմի կուսամէր լուս Ծովինարին, Ողորմի՛ ասենք դիւցազուն սէգ Սանասարին, Ողորմի՛ ասենք իր աղբէր ծուռ Բաղդասարին, Ողորմի՛ հազար խելքի տէր քառսուն ճուղ Ծամին, Ու հազար, հազա՛ր ողորմի հայոց պապերուն։ Հայերու Գագիկ թագաւորը Պաղտատի խալիֆային հարկատու էր։ Հարկահանութեան ժամանակ` հարկահանները դիպուածով կը տեսնեն թագաւորին աղջիկը, Ծովինարը, եւ կը սքանչանան անոր գեղեցկութեան վրայ։ Հարկահանութիւնը կիսատ ձգած, կ’երթան Պաղտատ, Խալիֆային յայտնելու Ծովինարին անսովոր գեղեցկութիւնը եւ թելադրելու, որ ամէն միջոցով տիրանայ անոր։ Խալիֆան Գագիկէն կը պահանջէ Ծովինարը. սակայն գոհացում չի գտներ, եւ զայրանալով` զօրք կը ղրկէ Հայաստան, իր զօրապետներուն պատուիրելով, որ աւերեն երկիրը եւ առեւանգեն Ծովինարը։ Նկատի ունենալով, որ իր պատճառով երկիրը եւ ժողովուրդը պիտի տուժեն, Ծովինար կ’որոշէ ինք առանձին զոհուիլ «քան թէ Հայաստան երկիր աւերակ դառնայ»։ Աղջկան որոշումը իմանալով, Գագիկ համաձայն կը գտնուի զինք Խալիֆային յանձնելու։ Պաղտատ մեկնելէ առաջ, Ծովինար վերջին անգամ պտոյտի կ’ելլէ հայրենի աղբիւրներուն մօտ, եւ ծարաւնալով կը խմէ քարի մը տակէն բխող համեղ ջուրէն` երկու ափ, մէկը լեցուն, միւսը կիսատ։ Այդ ջուրէն յղի մնալով, Պաղտատի մէջ կ’ունենայ երկու մանչ` մէկը մեծ, միւսը փոքր, մեծը կը կոչէ Սանասար, իսկ փոքրը` Բաղդասար։ Կասկածամիտ Խալիֆան կը հրամայէ սպանել Ծովինարը. սակայն անոր
59
խնդրանքով վճիռը կը յետաձգուի։ Տասը տարի ետք, դահիճները կ’երթան վճիռը գործադրելու, բայց կը կոտորուին Սանասարէն։ Տեսնելով երկու եղբայրներուն արտակարգ ոյժը, Խալիֆան կը հրաժարի զանոնք սպանել տալու մտադրութենէն։ Գագիկի դէմ մղած եօթնամեայ պատերազմին` Խալիֆան կը պարտուի եւ հազիւ կրնայ ողջամբ իր երկիրը վերադառնալ, որուն համար կը խոստանայ կուռքերուն զոհել Սանասարն ու Բաղդասարը։ Ծովինարը երազին մէջ կը տեղեկանայ Խալիֆային մտադրութիւնը, եւ իր զաւակներուն կը պատուիրէ, որ հեռանան Պաղտատէն։ Երկար թափառումներէ ետք, երկու եղբայրները կը կառուցանեն Սասուն բերդը` ջուրի մը ակունքին վրայ։ Բերդը յարմար անունով կոչելու համար, Սանասար կը դիմէ ծերունիի մը խորհուրդին։ Ծերունին ահաբեկած կը գոչէ. - Աստուած բարին տայ ձեզ, դուք ի՞նչ ոյժ ունէք, որ վեր էք հանել էս պետպետ ապառաժները, էս սասում քարերը. քարէ սան սուն էք զարկել։ Սա տուն չէ, սասուն է։ Սանասար ուրախացած կը պատասխանէ. - Բա՛ւ է պապիկ, էլ ձէն մի՛ հանի. մեր բերդի անունը եղաւ Սասուն, մեր տան անունը` Սասնայ տուն։ Օր մը Սանասար կը սուզուի ծովուն յատակը` ձեռք կը բերէ Քուռկիկ Ջալալին, Թուր կէծակին եւ Խաչ պատերազմին. կը լողայ ծովուն յատակը գտնուող կաթնաղբիւրին մէջ։ Աւելի ուժեղ դարձած` դուրս կու գայ ծովէն։ Յետոյ` Սանասար Բաղդասարին հետ կ’երթայ Պաղտատ։ Երկու եղբայրները կը սպանեն Խալիֆան, զօրքը կը ջարդեն եւ իրենց մօրը կը վերադառնան Սասուն։ Ամէն տեղ կը տարածուի դիւցազն եղբայրներուն քաջագործութեան համբաւը։ Իրենց բնակավայրէն հեռանալով` աղքատ մարդիկ կը հաստատուին Սասուն, որովհետեւ այդտեղի բնակիչներէն հարկ չէին առներ. այդպէսով` Սասունը կը դառնայ բազմամարդ քաղաք մը։ Երկու փահլէվաններուն համբաւը կը հասնի Պղինձէ քաղաքի թագաւորին աղջկան` Դեղձուն-Ծամին, որ նամակով մը իր համակրութիւնը կը յայտնէ Սանասարին։ Սանասարը կը մեկնի Պղինձէ քաղաք, ուր կը յաղթահարէ բազմաթիւ արգելքներու եւ կը կռուի վաթսուն գոմշանման փահլէվաններու հետ։ Սանասարին օգնութեան կը փութայ Բաղդասարը։ Երկուքը միասին կ’երթան Կանաչ քաղաքը եւ կը սպանեն ջուրին արգելք եղող վիշապը։
60
Վերադարձին` իրենց հետ կը տանին Դեղձուն-Ծամը եւ անոր քոյրը։ Սանասար կ’ամուսնանայ Դեղձուն-Ծամի, իսկ Բաղդասար` անոր քրոջ հետ։ Սանասար կ’ունենայ երեք զաւակ, որոնք կը կոչուին` Ցռան Վերգոյ, Ձէնով Օհան եւ Մհեր։
ՃԻՒՂ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄՀԵՐ ՄԵԾ Ողորմի՛ ասենք Սասնայ տէր` Առիւծ Մհերին, Ու դառնանք` չասե՛նք ողորմի Մսրայ Մելիքին. Ու նորէ՛ն ասենք ողորմի Սասնայ Դեղձունին, Ասե՞նք, թէ չասենք ողորմի Իսմիլ խաթունին, Ողորմի՛ ասենք մեծամէր լուս Արմաղանին, Էստե՛ղ էլ ասենք ողորմի Ձէնով Օհանին. Ու նորէ՛ն հազար ողորմի հայոց նախնիքին։ Սանասարի մահէն ետք, Սասունը կը կառավարէ Դեղձուն-Ծամը, յետոյ` Մհերը։ Մհեր կը սպանէ սասունցիները սովահարութեան մատնող առիւծը։ Յետոյ Խլաթի թագաւոր Սպիտակ դեւին հետ կռուելով կը սպանէ զայն եւ Թեւաթորոսի աղջիկ Արմաղանը ազատելով կ’ամուսնանայ անոր հետ։ Սանասարի մեռած ըլլալը իմանալով` Մսրայ Մելիքը հարկի տակ կը դնէ Սասունը։ Մհեր կը մերժէ պահանջուած հարկը վճարել եւ Ձէնով Օհանի խորհուրդով կ’երթայ Մըսր եւ կը կռուի Մսրայ Մելիքին հետ։ Մելիքը տեսնելով Մհերի արտակարգ ոյժը, կը հրաժարի իր պահանջէն եւ կը բարեկամանայ անոր հետ։ Երկուքն ալ պայման կը դնեն, որ շուտ մեռնողին կինը եւ երախաները` ողջ մնացողը պահէ։ Շուտով անժառանգ կը մեռնի Մելիքը, եւ անոր այրին` Իսմիլ խաթունը Մըսր կանչելով Մհերը, եօթը տարուան գինիով կը գինովցնէ զինք, եւ հակառակ Մհերի ցանկութեան, կ’ունենայ մանչ զաւակ մը` Փոքր Մելիքը։ Մհերը եօթը տարի կը մնայ Մըսր, եւ օր մը պատահմամբ կ’իմանայ Իսմիլ խաթունի իր տղուն տուած խրատը, թէ Մսրայ օճախը կանգուն պահես, հայոց օճախը փճացնես։ Մհեր այդ խօսքերէն կը սթափի եւ անդրադառնալով իր գործած սխալին վրայ, անմիջապէս կը վերադառնայ Սասուն, իր սիրելի կնոջ մօտ, որուն ուխտը խախտելով` կ’ունենայ մանչ զաւակ մը, Դաւիթը։ Դաւիթ երբ կը ծնի, նոյն օրն իսկ կը մեռնին Մհերը եւ Արմաղանը։
61
ՃԻՒՂ ԵՐՐՈՐԴ ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ Ողորմի ասենք, ողորմի՛ մեր մանուկ Դաւիթին, Մեր ազգի անսասա՛ն բազուկ, մեր Սասնայ Դաւիթին։ Ու դարձեալ ասենք ողորմի՛ Ձէնով Օհանին։ Դառնա՛նք ու չասենք ողորմի Մսրայ Մելիքին. Ողորմի ասենք, ողորմի՛ Սասնայ Պառաւին. Ու դարձեալ ասե՛նք ողորմի Քառսուն ճուղ Ծամին. Դառնա՛նք ու չասենք ողորմի Չմշկիկ Սուլթանին, Ասե՞նք..., ասե՛նք ողորմի Իսմիլ խաթունին. Ողորմի, հազա՛ր ողորմի խորոտ Խանդութին, Ու դարձեալ հազա՛ր ողորմի հայոց Դաւիթին, Հայոց քաջագո՛րծ հայրերուն, Հայո՛ց պապերուն։ Հօրեղբայրները չեն կրնար խնամել Դաւիթը եւ կը ղրկեն Իսմիլ խաթունի մօտ, ուր Դաւիթ կը մերժէ Իսմիլ խաթունի կաթով սնանիլ, եւ կը կերակրուի Սասունէն հետը բերած մեղր ու կարագով։ Դաւիթ այնքան ուժեղ մէկը կը դառնայ, որ զարմանք կը պատճառէ բոլորին։ Դաւիթ կը վերադառնայ Սասուն։ Ձէնով Օհանը գառնարած կը նշանակէ զինք։ Դաւիթ կը յաջողի սպանել քառասուն դեւերը, եւ անոնց հաւաքած ամբողջ ոսկին կը բերէ Սասուն։ Կորեկի արտ ունեցող պառաւին խորհուրդով` իր հօրեղբօր կնոջմէն կը ստանայ իր հօրը աղեղը եւ կը զբաղի որսորդութեամբ։ Մսրայ Մելիքին զօրքը երկու անգամ կոտորուելէ ետք, Մելիքը անձամբ կու գայ Սասուն։ Դարձեալ պառաւ կնոջ թելադրանքով, Դաւիթ Ձէնով Օհանէն կ’առնէ Քուռկիկ Ջալալին եւ իր հօր զէնքը։ Կը սպանէ Մելիքը եւ Մսրայ զօրքը ազատ արձակելով` կը վերադառնայ Սասուն։ Դաւիթի համբաւը կը հասնի Խանդութ խաթունին, որ գուսաններ կը ղրկէ Սասուն իր մասին գովասանքներ երգել տալու համար։ Դաւիթ կը հրապուրուի Խանդութի մասին իմացած տեղեկութիւններէն, կ’երթայ անոր մօտ եւ կը դրժէ Չմշկիկ սուլթանին տուած խոստումը։ Կը ծնի Փոքր Մհերը։ Դաւիթ Գիւրջստան կ’երթայ իր տղուն հարս ճարելու եւ այնտեղ կը մնայ եօթը տարի։ Փոքր Մհերը կը թափառի իր հայրը փնտռելու։ Ճամբան` հայր ու որդի իրարու կը հանդիպին եւ վիճաբանելէ ետք, կը կռուին իրարու հետ. սակայն շուտով կը ճանչնան զիրար։ Այդ միջադէպին համար Դաւիթ իր զաւակը կ’անիծէ` անմահ եւ անժառանգ մնալ։ Չմշկիկ սուլթանին հետ
62
կռուած ատեն` Դաւիթ կը սպանուի նենգութեամբ, Չմշկիկի եւ իր դստեր ձեռքով։
ՃԻՒՂ ՉՈՐՐՈՐԴ ՄՀԵՐ ՓՈՔՐ Ողորմի ասենք, ողորմի՛ Փոքր Մհերին. Ողորմի ասենք էն խորո՛տ Գոհար խանումին, Ու դառնա՛նք ասենք ողորմի Ձէնով Օհանին, Ողորմի՛ ասենք Փոքր Մհեր պատմողին. Ճուղէ ճուղ անցանք, նստեցինք Մհերի ճուղին։ Մհեր կը լուծէ իր հօր վրէժը` սպանելով Չմշկիկ սուլթանը եւ կը կոտորէ անոր զօրքը։ Սասունէն հեռանալով` Մհեր կ’ամուսնանայ Գոհարին հետ։ Ձէնով Օհանի խնդրանքով` Մհեր կը վերադառնայ Սասուն, հայրենիքի խաղաղութիւնը խանգարողները պատժելու համար։ Գոհարի քով երթալով` զինք կը գտնէ մեռած, եւ անոր մարմինը կը թաղէ իր մօր, Խանդութի գերեզմանին մօտ։ Մհերի քարայրին մէջ փակուելու դրուազով` կը վերջանայ դիւցազնավէպը։ Գեղարուեստական մտածողութեան անկրկնելի համադրութիւն մը եղող Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպին միջազգային արժէքաւորումը տեղի ունեցած է 1939-ին, էպոսին յօրինումին հազարամեակին առիթով։ Ամբողջ Ս. Միութեան տարածքին վրայ պետական-մշակութային մեծ ծաւալի հանդիսութիւններով` պանծացուած է հայ ժողովուրդին դարաւոր կենսափորձով հարստացած հերոսապատումը։ Այս առիթով` հրատարակուած է քանի մը տասնեակ պատումներէ կազմուած համահաւաք բնագիրը` որ նոյն ժամանակ թարգմանուած է բաց ի ռուսերէնէ, միութենական բոլոր լեզուներուն։ Համաշխարհային դիւցազներգական գրականութեան մէջ ալ իր գրաւած եզական դիրքին համար, Սասունցի Դաւիթը թարգմանուած է արեւմտեան եւ արեւելեան լեզուներու` անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռումաներէնի, լեհերէնի, գերմաներէնի, հունգարերէնի, հոլանտերէնի, չինարէնի, ճափոներէնի եւ պարսկերէնի։ Սովետ մտաւորականութեան խանդավառ ելոյթներէն ծաղկաքաղ մը ընելով` կը փափաքինք ձեր ուշադրութեան յանձնել անոնց ամէնէն յատկանշական կարծիքները։ Անոնցմէ մէկը` Սասունցի Դաւիթ էպոսը արտասովոր կը նկատէ. արտասովոր` ընթերցողին վրայ գործած ազդեցութեան ոյժով։ Այնպէս կը թուի, թէ կը
63
գտնուիս մանկութեանդ աշխարհը, երբ կը կարդայիր կախարդական հեքիաթը, կը բանայիր ամուր, անասելի ոյժի տէր աշխարհի հրաշալի դուռը։ Արտասովոր է նաեւ իր վիճակին տեսակէտէն. հարիւրաւոր տարիներ` սերունդէ սերունդ անցնելով պահպանուած է հայ ժողովուրդին բերանը, անոր մեծ բազմութեան մօտ, որպէսզի սոցիալիզմի օրերուն` կանգնի աշխարհի ժողովուրդներուն աչքին առջեւ իր ամբողջ գեղեցկութեամբ եւ հզօրութեամբ, մանրամասնօրէն պատմէ Մեծ Դաւիթին` Սանասարի թոռան, Մեծ Մհերի որդիին եւ Փոքր Մհերի հօր սխրագործութիւններուն մասին, դիւցազուններու չորս սերունդներու մասին, որոնք կանգնած են այն տունին չորս պատերուն նման, ուր կը բնակի հայ ժողովուրդին անսպառ եւ անզուսպ ստեղծագործական ոյժը։ Արտասովոր է նաեւ այդ գիրքին կառուցուածքը. դիւցազուններու չորս սերունդներ` չորս աստիճանի նման կը մերձենան ժողովուրդին սիրտին, աւելի ու աւելի մօտենալով անոր, ձուլուելով անոր հետ մէկ հոգիի, մէկ ձգտումի մէջ, մարդկայնանալով, հասարականալով։ Սասունցի Դաւիթ անմահ էպոսի` անունով անյայտ, սակայն սրտով ու զգացումներով յայտնի հզօր ստեղծագործութիւնները` կրցած են արտասովոր պարզութեամբ եւ ոյժով պատմել ու հաղորդել մեզի հայ ժողովուրդին տանջանքներն ու յաղթանակները։ Խոր, հիանալի եւ բազմազան է հայկական պոէզիան, – կը պատգամէ ուրիշ մը։ Անոր գանձարանին մէջ մենք կը գտնենք ամէն ինչ` սկսեալ Սասունցի Դաւիթ կոթողային էպոսէն, որ հաւասար իրաւունքներով կը մտնէ ժողովրդական ոգիի դիւցազուններուն համաշխարհային ընտանիքին մէջ...։ Երրորդ մը` հայուն ինքնասիրութիւնը փայփայելով կը յարէ. – Այդ պոէմը ստեղծուած է այն դարերուն` երբ հայ ժողովուրդը պայքարած է թշնամիներուն արշաւանքներուն դէմ, անձնատուր չըլլալով նոյնիսկ ամէնէն ուժեղին։ Պոէմը վառ կերպով կը պատկերացնէ հայ ժողովուրդին հերոսական բնաւորութիւնը։ Այդ պոէմը ներծծուած է ժողովուրդին եղբայրական մեծ գաղափարով, եւ այնտեղ ժողովուրդը կ’երազէ երջանիկ կեանքի մասին։ Հայաստանի հողը` որ ծնունդ տուած է նման դիւցազուններու, իրօք որ ամէնէն հարուստն է ոգիով, վեհ է եւ սքանչելի, – կը ներբողէ հայ ժողովուրդին հոգեհարազատ բանաստեղծ մը։ Հայ ժողովուրդը կրնայ իր դիւցազուններով հպարտանալ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ։ Առհասարակ` դէպի արեւը կը ձգտին բոլոր հայ դիւցազունները։ Այդ հարուստ էպոսը մեր միտքերը կը տանի աւատական Հայաստանի հեռաւոր ժամանակները, – կը խորհրդածէ հարեւան երկրի գրող մը։ Մեր աչքին առջեւ կը բացուին Հայաստանի հերոսական պայքարի պատմու-
64
թեան փառապանծ էջերը, պայքար` որ ան մղած է արաբական արշաւանքներուն դէմ։ Ժողովուրդին համար անձնազոհութիւն կատարելու մեծ գաղափարը դրուած է այդ էպոսի խորքին մէջ։ Այսպէս կառուցուած է ամբողջ էպոսը, հայ թագաւորի աղջիկ Ծովինար խանումի անձնազոհութենէն սկսելով` մինչեւ լեգենդար Փոքր Մհերը, հայկական այդ Պրոմեթէոսը։ Ես կը կարծեմ, – կը շարունակէ ան, – որ էպոսին մէջ մօր կերպարը ամբողջ ժողովուրդին խորհրդանշանը կը հանդիսանայ։ Մայրը միշտ դէմ է աղէտներուն եւ դժուարութիւններուն, միշտ երջանկութեան եւ փրկութեան դռներ կը բանայ իր զաւակներուն առջեւ։ Ինչպէս կ’երեւի` կին-մօր կերպարը ամէնէն պատուաւոր եւ ազնուաբարոյ տեղը կը գրաւէ մեր հնագոյն էպոսներուն մէջ, մեր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ։ Ձեզմէ ո՞վ պիտի չուզէ իմանալ նոյն գրողին այս կշռադատուած գնահատականը. Սասունցի Դաւիթ էպոսը կը հանդիսանայ հզօր փաստաթուղթ մը` հայ ժողովուրդին բազմակողմանի, բարձր գեղարուեստական ժողովրդական բանաստեղծութեան իսկական արտայայտութիւնը։ Էպոսը կը վկայէ իր հեղինակին` հայ ժողովուրդին ստեղծագործական անսահման երեւակայութեան, բանաստեղծական մեծ տաղանդին մասին։ Հայկական ժողովրդական բանաստեղծութեան այդ հարուստ պատկերաւորութիւնը եւ արտայայտիչ ըլլալը` իր բարերար ազդեցութիւնը ձգած է հայկական դասական բանաստեղծութեան յետագայ զարգացումին վրայ։ Միջնադարեան հայ պատմութեան մէջ ոչ մէկ յիշատակութիւն եղած է էպոսին գոյութեան մասին։ Սասունցի Դաւիթին մասին առաջին տեղեկութիւնները հաղորդողները եղած են ԺԶ. դարու երկու փորթուկալցի ճանապարհորդներ. Անթոնիոյ Թենրէյրոն, 1524 թ., եւ Մեսթրէ Աֆֆոնսոն, 1565 թ., առիթ ունեցած են Հայաստան այցելելու, եւ իրենց ուղեգրութիւններուն մէջ անդրադառնալու այդ երկրին մասին։ Երկու ուղեւորներն ալ գտնուած են Վան, Մուշ, Պիթլիս եւ Սասուն, եւ այդ քաղաքներուն մէջ իմացած են Դաւիթի զրոյցը։ Անոնց հաղորդումին համաձայն, Սանսոնի տէրը ժամանակ մը եղած է Դաւիթ թագաւորը, որ Սանսոնի որդին էր, իսկ անոր կինը Խանդութն էր։ Խանդութն ալ իր ամուսինին նման հսկայ էր եւ սրունքներուն օղեր կը կը կրէր. օղերուն մէջէն մարդ կրնար անցնիլ։ Դաւիթ հսկան ունեցած է նիզակ, զրահներ եւ խաչ մը, որ «Սուրբ նշան» կոչուած է։ Այս նշանը Դաւիթին պահպանած է վտանգներէ` մինչեւ Ախլաթի կռիւները, երբ ան զէնք ու զրահը, սուրբ խաչը հանած քնացած է։ Թշնամիները
65
օգտուելով ատկէ` գաղտնի յարձակած սպանած են զինք եւ իր կինը։ Ժողովուրդը տարբերակած է հեքիաթը եւ նաղլը. հեքիաթը իբրեւ ճշմարտութենէ զուրկ աւանդութիւն նկատուած է, մինչդեռ նաղլը` ճշգրիտ անցքի պատմութիւն։ Մեր անզուգական պատմահայր Մովսէս Խորենացիէն սկսեալ` մինչեւ Սրուանձտեանց եւ մեր օրերու գրանցողներ Սարգիս Յարութիւնեան եւ Արուսեակ Սահակեան, կարծէք բոլորն ալ նկատի ունին Մովսէս մարգարէին այն յորդորը` թէ հարցուցէք ձեր հայրերուն եւ անոնք պիտի պատմեն ձեզի. հարցուցէք ձեր ծերերուն եւ անոնք պիտի ըսեն ձեզի։ Սրուանձտեանց` հայաբնակ գաւառները շրջագայելու ընթացքին, խաւարով պատուած միջավայրի մէջ, նաղլերու ընդմէջէն նկատած է պատմութիւնը լուսաւորող ճառագայթներ, որոնց հետքերուն խուզարկումով, երեք տարի հետամուտ եղած է ձեռք բերելու ամբողջական էպոսը, սակայն ոչ ոք գտած է, որ ամբողջութեամբ գիտնար։ Սրուանձտեանց` 1873 թ. կը հանդիպի Մշոյ դաշտի Առնիստ գիւղի բնակիչ ծերունի Կրպոյին, որմէ առաջին անգամ ըլլալով կ’իմանայ Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպին պատումներէն մէկը, եւ զայն կը հրատարակէ յաջորդ տարին` Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի կամ Մհերի դուռ խորագրով գիրքին մէջ։ Գրառումի պարագաներուն մասին խօսելով, Սրուանձտեանց կը գրէ. – Երեք օր զինք պահեցի, խնդրեցի, պատուեցի, պարգեւատրեցի, եւ նա ինքզինք կազդուրելով` պատմեց բերանացի, զոր իրեն բարբառով ի գիր անցուցի։ Սրուանձտեանցի յայտնաբերումով` սկսած է դիւցազնավէպը վերլուծելու եւ արժէքաւորելու փորձը։ Քանի մը տարի վերջ, դիւցազնավէպին ուրիշ մէկ պատումը` Մոկած աշխարհի Գինեկանց գիւղի բնակիչ Նախոյ քեռիէն իմանալով, գրի առած եւ հրատարակած է Մանուկ Աբեղեանը Դաւիթ եւ Մհեր ժողովրդական դիւցազնական վէպ վերնագրով։ Պատմողին ըսելով, – կը գրէ Աբեղեան այդ հատորին յառաջաբանին մէջ, – Սասունի տէրերը քառասուն զարմ են եւ ունին իրենց քառասուն ճիւղ առանձին պատմութիւնը, որ քառասուն գիշեր կը նստին եղեր, թէեւ քառասուն ճիւղը ամբողջ «մի հոգի լաւ իմացող, այդ խո շատ հազուագիւտ է»։ Պատմողը մոկացի հայ մըն էր, – կը շարունակէ գրի առնողը, – բարի քրիստոնեայ մարդ մը, որ ամենայն սրբութեամբ կը վերաբերէր դէպի իր պատմածը, որուն կը հաւատար, թէ ամբողջութեամբ կատարուած է ժամանակ մը։ «Այժմ էլ, – կ’ըսէ եղեր Նախոյ քեռին, – Սասմայ քաղաք շատ կտրիճ փահլեւան կայ»։ Ան իր լաւ չգիտցածը չէր ուզեր ամենեւին պատմել, որովհետեւ ինչպէս կ’երեւէր, մեղք կը համարէր այս պատմութիւնը խառնելը, – կը հաստատէ Աբեղեան։
66
Իբրեւ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած աւանդ մը` ասացողները եղած են հաւատարիմ գանձապահներ, եւ էպոսը աւանդած են իրենց իմացած ձեւով։ Վիպերգողները` սեղմ եւ զուսպ ոճով ճարտարօրէն հիւսած են հայ ժողովուրդին փոթորկալի կեանքին հանգրուանները, վիպական չափազանցութիւններով կերտած են գերբնական յատկութիւններով օժտուած կերպարներ, աշխոյժ երկախօսութիւններով կենդանի դարձուցած են բոլոր հերոսները։ Դարերու աւանդոյթը` յառաջ բերած է ազգային պատմելաձեւ մը։ Սրուանձտեանցէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը` շատ բանասէրներ եւ բանահաւաքներ հետաքրքրուած են Սասնայ ծռեր էպոսով եւ գրանցած են մօտաւորապէս քանի մը տասնեակ պատումներ, իւրաքանչիւրը իր համեստ բաժինը բերելով էպոսագիտութեան զարգացումին։ Էպոսին համակողմանի ուսումնասիրութիւնը` ժամանակակից էպոսագիտութեան մակարդակին բարձրացնելու համար, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի նախագահութեան որոշումով` անցեալ տարի կազմուած է «Սասունցի Դաւիթ էպոսի խումբ»ը, որուն առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ շրջիլ Հայաստանի գիւղերը եւ գրի առնել ժողովուրդին մօտ ցարդ պահպանուած պատումները եւ հրատարակել զանոնք։ Վարպետի հռչակ վայելող նաղլ ասացողները` երբեմն գիտցած են շատ ընդարձակ պատմութիւնը, որուն մէջ շատ տեղեր խաղեր ըսած են, կամ ձայնով երգած են։ Աբեղեան` Նախոյ քեռիի պատումին առիթով կ’ըսէ, թէ «միշտ երգում էր առանձին եղանակով, որ դժբախտաբար չյաջողուեցաւ մեզ ձայնագրել տալ»։ Որպէս ծանօթութիւն` Աբեղեան կ’աւելցնէ, թէ յետագային, Կոմիտաս Վարդապետ ձայնագրած է այդ եղանակները, սակայն ցաւօք, կորսուած են։ Գարեգին կաթողիկոս Յովսէփեան` իր սարկաւագութեան շրջանին գրի առած է երկու պատում, որոնց երգուող հատուածներուն ձայնագրութիւնները` իր խնդրանքով կատարած է շնորհունակ Սողոմոն սարկաւագը, յետագայի Կոմիտաս Վարդապետը։ Ներհուն Կոմիտասագէտ Մօ. Ե. Յակոբեանին ներկայութենէն օգտուելով` պիտի խնդրենք իրմէ, որ կարգ մը լուսաբանութիւններով ճշտէ էպոսի երգուած հատուածներուն բնոյթը, եւ միաժամանակ անդրադառնայ Կոմիտասի կողմէ ձայնագրուած եղանակներուն ճակատագրին մասին։ Վիպերգողներու հոյլին մէջ` տաղանդաւոր ասացող մը եղած է շատախցի Բազկէ Շահինը, որուն երգապատումը գրի առնուած է երկու անգամ։ Վկայութիւն կայ, թէ երկրորդ գրառումի ժամանակ` ներկայ եղած է Յովհ. Թումանեանը։ Համեմատական քննութիւն մը երեւան հանած է որոշակի ընդհանրութիւններ Բազկէ Շահինի երգապատումին եւ Ամենայն Հայոց բանաստեղծին մշակած «Սասունցի Դաւիթ»ին միջեւ։
67
Բազկէ Շահինի եղբօր որդին` բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետի դասախօս Սահակ Բազեանը, բախտաւորութիւնը ունեցած է իր մանկութեան օրերուն ականատես ըլլալու իր հօրեղբօր երգապատում-ներկայացումներուն, որոնց մասին վերջերս գրի առած յուշերէն կ’ուզենք քաղել հետեւեալ ուշագրաւ մանրամասնութիւնները։ Անոր շուրջ խմբուած տարեց ու մանուկ` աշակերտի հմայուածութեամբ կ’ունկնդրէին, – կը սկսի պատմել մեծարգոյ փրոֆեսէօրը։ Ութ-տասը տարեկան եղած է Բազկէ Շահինը, երբ սկսած է Սասունցի Դաւիթի իր երգապատումը։ Դեռ 15-16ամեայ պատանի` կը հռչակուի անոր անունը։ Ասացողի հեքիաթազրոյց չէր անոր երգապատումը, այլ ստեղծագործողի երգապատում-վիպերգութիւն։ Ամբողջ Սասունցի Դաւիթը կը հաղորդուէր երգի միջոցով, անկրկնելի դիմախաղի եւ ձայներանգներու, անհրաժեշտ ձեռքի արտայայտութիւններու միջոցով, թաւ ու շոյող ձայնի ճարտար կատարումով, մերթ էպիկականօրէն խաղաղ, մերթ սրտառուչ, քնարականութեան, երգիծանքի եւ հումորի անօրինակ ձեւերու ցուցադրումով կատարեալ երգապատում-բեմադրութիւն մը։ Իր վերապրածը անօրինակ վարպետութեամբ փոխանցելով ունկնդիրներուն, ան կը ստեղծէր վիպերգողի եւ հանդիսականներու ջերմ մթնոլորտ։ Անոր երգապատումը դերակատարում էր, բայց ոչ թէ մէկ հերոսի մէջ ամփոփուած, այլ բոլոր հերոսներուն։ Կը թուէր մեծ դերասանի խաղ, որ կ’անձնաւորէ ոչ միայն Դաւիթին կերպարը, այլեւ` միւս կերպարները իրենց ինքնատիպ նկարագրով։ Անոր երգապատում վիպերգութիւնը անհետեւանք չէր մնար, կը դաստիարակէր քաջութեան եւ ըմբոստութեան ոգիով։ Երգապատումը կը սկսէր հանդիսաւորութեամբ դառնամ զողորմիս տիտամ վեհացնող նախերգանքով, երգով կը թուէր մեծերը, ստեղծելով սրբութիւններու խորհրդապաշտական մթնոլորտ։ Չէր մոռնար իր զողորմին։ Երգապատումին հետ կը շիկանայինք մենք ալ` մանուկ ունկնդիրներս։ Մերթ կը յուզուէինք, մերթ կը քրքջայինք, մերթ Դաւիթին յանդգնութեամբ կը քաջանայինք եւ կը կարծրանայինք։ Հապա անոր դաւթապատումին ազդեցութիւնը` ուր կ’ընդգծուէր դիւցազնացնող հերոսականութիւնը։ Էպիկական վեհութիւն կ’իջնէր բոլորիս ուսերուն, ամէնէն վիպերգողին` իբրեւ արքայական ու յաղթական ծիրանի։ Խանդաղատանքէն` թէ կը սարսռայինք եւ թէ կը վեհանայինք։ ***
68
Դիւցազներգութեան մէջ արտայայտուած լուսաւոր եւ լաւագոյն ապագայի մը վառ հաւատքը, ինչպէս նաեւ երջանիկ կեանքի մը երազը` կէս դարէ ի վեր իրականացած է մեր ընդարձակ հայրենիքին մէկ աննշան հողաշերտին վրայ, շնորհիւ հայ ժողովուրդին շինարար եւ ստեղծագործ խոյանքներուն։ Ազգային ինքնաճանաչումի համար, այսօր` թերեւս որեւէ ժամանակէ աւելի, պէտք է դիմենք դարերէն եկած եւ դարեր վերապրած` համազգային եւ համահայկական դարձած դիւցազնավէպին, ուր ամփոփուած պիտի գտնենք հայ ժողովուրդին արեան պատմութիւնը։ Սասունցի Դաւիթին մէջ, ամբողջ ազգը` խտացած, առանձին կենդանի անձի կերպարանք ստացած է։ Սասունցի Դաւիթը` չստրկացող հայ ժողովուրդին յաղթանակի խորհրդանշանն է։ ***
Վարպետ վիպերգողներու կողմէ հաստատուած աւանդական կարգին հետեւելով` թոյլ տուէք, որ մենք ալ` դառնանք ողորմի՛ մը ըսենք բոլոր ունկնդիրներու ծնողներուն, եւ հազա՛ր ողորմի հայոց պապերուն։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 17 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.063 18 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.064 19 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.065 20 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.066 22 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.068 24 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.069 26 Մարտ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.070
69
ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հայ պարբերական մամուլին մէջ կարեւոր բաժին մը կը գրաւեն Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա հրատարակուած թերթերն ու հանդէսները, որոնց խմբագիրներն ու աշխատակիցները` մեծ մասով, եղած են գրական եւ հասարակական-մարզի կարկառուն դէմքեր, որոնք երբեմն այս երկիրը ապաստան գտած են համիտեան հալածանքներէն խոյս տալով։ Եգիպտոսի հայ լրագրութեան սկզբնաւորութեան մասին ակնարկ մը` թերեւս աւելի համապարփակ ըլլայ, եթէ համառօտակի ներկայացուի եգիպտական` արաբերէն եւ օտար լեզուներով մամուլին շատ ամփոփ պատկերը։ Եգիպտոսի մէջ տպագրական արուեստի եւ լրագրութեան պատմութեան կարեւոր հեղինակ մը` իր մէկ աշխատութեան մէջ կ’ըսէ, թէ արեւելեան կարգ մը երկիրներ ունեցած էին իրենց տպարանները, մինչ Եգիպտոս` մինչեւ Ֆրանսական արշաւանքը, անգիտացած էր այդ արուեստը1։ Եգիպտոսի մէջ լրագրութեան հիմը դրուած է ֆրանսացիներու կողմէ։ Նափոլէոն Պոնափարթի առաջնորդութեամբ Եգիպտոս եկած ֆրանսական արշաւախումբը իր հետ բերած էր տպագրական մամուլի կազմածներ, որոնք առաջին անգամ կը թաւալին լոյս ընծայելու համար Courier de l’Egypte թերթը` 29 Օգոստոս 1798 թ. եւ La Décade égyptienne գիտական հանդէսը` նոյն տարուան Հոկտեմբերի 1-ին։ Արշաւախումբին ղեկավարը 1799 թ. Յունուար 14-ի հրամանագրով նոր ուղղութիւն կու տայ տպագրական գործունէութեան։ Այս հրատարակութիւնները կը տեւեն մինչեւ 1801 թ., եւ կը դադրին արշաւախումբին մեկնումով։ Յիշեալ երկու հրատարակութիւնները ֆրանսերէն լեզուով ըլլալուն` մասնաւոր օգտակարութիւն չեն ունենար եգիպտացի ժողովուրդին համար։ Արշաւախումբին բժշկապետը` Desgenette կը ծրագրէ ֆրանս-եգիպտական յարաբերութիւնները սերտացնել եւ հանրային կարծիքին ուղղութիւն տալ մամուլի միջոցով։ Այս նպատակով կը կազմուի ֆրանսացիներէ եւ եգիպտացիներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որպէսզի Շէյխ Իսմայիլ Էլ Խաշապի խմբագրութեամբ` 1800 թ. Նոյեմբեր 26-ին, հրատարակէ Ալ Թանպիհ թերթը` ներքին լուրերու, գրական, գիտական բովանդակութեամբ։ Սակայն, կարգ մը պատճառներով այս ծրագիրը չ’իրագործուիր։
70
Լրագրական իրական շարժում մը կը սկսի Եգիպտոսի բարեկարգիչ Մոհամմէտ Ալի փաշայի օրով, երբ յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն, 1822 թուականին` Կուռնալ էլ Խտէուի, 1828 թ. վերջերը` Ուաքաէ’ էլ Մասրէյա, 1833 թուականին` Կարիտա էլ ’ասքարիյա, Le Moniteur égyptien, եւ 1846 թուականին` Lo Spettatore egiziano։ Եգիպտական լրագրութեան օտար մամուլի բաժինին մէջ պէտք է յիշատակել, 1870 թուականին` The Egyptian Messenger անգլերէն, 1872 թուականին` Hmpheia nea յունարէն առաջին թերթերը. մալթացիները իրենց բարբառով թերթ կ’ունենան Ի. դարու առաջին տասնամեակին, իսկ հրեաները` ֆրանսերէն հանդէսներ կը հրատարակեն դարուս առաջին քառորդին։ Գերմաներէն լեզուով թերթեր լոյս կը տեսնեն քսանական թուականներուն։ Օտարանուն թերթեր` իրենց հրատարակութեան թուականով յիշեցինք, ցոյց տալու համար, որ կազմակերպուած եւ տնտեսական լաւ պայմաններու մէջ ապրող գաղութներ` հայերէն վերջ միայն ունեցած են իրենց ազգային օրկանը։ Թէեւ ուրիշ ազգերէ առաջ մայրենի լեզուով թերթ հրատարակեր ենք, սակայն Ժողովուրդի խմբագիր Աւետիս Պալեանի պէս երբ նկատի ունենանք, թէ անցեալ դարուն այս երկրին մէջ ինչ բարձր դիրքեր գրաւած էին հայերը, որոնք ամէն հնարաւորութիւն ունէին թերթ հրատարակելու եւ անոր գոյատեւումը ապահովելու համար, եւ բաղդատութեան դնենք յոյներու «ծաւալով եւ տարիքով պատկառազդեցիկ տասնէ աւելի ամենօրեաներուն եւ քանի մը հատ մեծահատոր պարբերականներուն հետ», կը տեսնենք որ սկզբնական շրջանի եգիպտահայ մամուլը քիչ մը «արգահատելի» վիճակի մէջ գտնուած է2։ Գահիրէի հայ մամուլի երախայրիքի պատմութիւնը շաղկապուած է ժամանակակից իրադարձութիւններու հետ։ Եգիպտոսի առաջնորդական վիճակի հիմնադիր` Գաբրիէլ Եպս. Մարաշցին շատ ծերացած ըլլալուն, Կ. Պոլսոյ պատրիարքին կոնդակով, առաջնորդական փոխանորդ կը նշանակուի Մկրտիչ Սրբազան Քէֆսիզեանը, որ Գահիրէ կը հասնի 1864 թ. Հոկտեմբեր 30-ին3։ Իր պաշտօնը ստանձնելէ ետք, «Մկրտիչ Սրբազան 12 յօդուածներով Կանոնագիր մը կը պատրաստէ Առաջնորդարանի եւ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան վերաբերութեամբ եւ կ’որոշուի որ դպրոցի Հոգաբարձութեան խնամքին տակ օրագիր մը հրատարակուի հայերէն-տաճկերէն» լեզուներով4։ Քէֆսիզեանի նախաձեռնութեան մասին` ժամանակակից մամուլին մէջ յաջողած ենք գտնել իր արժանիքը գնահատող վկայութիւններ, որոնք քաղուած են գահիրէցի թղթակիցի մը հաղորդած տեղեկութիւններէն. Գոհութեամբ կ’իմանանք թէ Նորին Սրբազնութիւնը ջան ի գործ կը դնէ քաղաքին մէջ տպարան մը հաստատելու եւ կիսամսեայ լրագիր մը հրատարակել տալու համար։ Անտարակոյս եմք որ գերպատիւ Փոխանորդին այս բարի ջանքն յաջողութեամբ կը պսակուի,
71
որովհետեւ – կարծեմք չեմք սխալիր – այնպիսի քաղաքի մը մէջ կը գտնուի, ուր թէեւ փոքրիկ բայց պատուաւոր խումբ մը կայ ժողովրդեան որ ձեռնհաս է յառաջդիմութեան օգնող ամէն խորհուրդ ի գործ բերել, եթէ կամի։ Եգիպտոսի մեր պատուական ազգայինք անշուշտ գիտեն թէ մամուլն ու անոր բարի տրամադրութիւնը որչափ օգնող են ժողովուրդի մը լուսաւորութեանը5։ Ինչպէս նախընթաց թուով ծանուցինք, տպարանի եւ կիսամսեայ լրագրի մ’ալ հաստատութեանը հոգ կը տարուի։ Նոր տեղեկութեանց նայելով, լրագիրը պիտի սկսուի հրատարակուիլ առաջիկայ տարւոյն սկիզբէն6։ Թերթին խմբագրութիւնը գոհունակութեամբ կը յաւելու, թէ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած յառաջադիմական այս շարժումները միայն նշանակելով անցնիլ չենք ուզեր, այլ պարտք կը համարենք մեզ հրապարակաւ շնորհակալ ըլլալ այս ամէնուն պատճառ եղող Գերապատիւ Տ. Մկրտիչ Սրբազան Արքեպիսկոպոսին, եւ բոլոր անոնց որք կը բարեհաճին օգնել անոր, ջան ի գործ դնելով անոր ազգաշէն խորհուրդները արդիւնաւորելու համար։ Վերոյիշեալ վկայութիւններուն իբրեւ զուգակշիռ` կու տանք նաեւ մեզի ժամանակակից բանասէրի մը քիչ մը փութկոտ կարծիքը. Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, Եգիպտոսի մէջ օգտակար դեր մը ունեցած չէ, ինչպէս իր բոլոր կեանքին մէջ։ Ընդհակառակը իր ընթացքով ժողովուրդը դժգոհ ձգած է եւ հրաժարած 1866-ին7։ Հայ մամուլի երախտաւորներէն Աբրահամ Մուրատեանի (1833-1903) կը վիճակուի Նիկոմիդիոյ մէջ Հայրենասէր (1850-1853), եւ Փարիզի մէջ Փարիզ (18601863) շաբաթաթերթերը խմբագրելէ ետք, Գահիրէի մէջ հիմը դնել եգիպտահայ առաջին կիսամսեայ լրագրին` Արմաւենիին։ Աբրահամ Մուրատեան Փարիզէն Եգիպտոս եկած էր առողջական պատճառով, եւ դարմանուելէ ետք, ստանձնած էր Գահիրէի Խորէնեան Վարժարանի (նոր անունով` Գալուստեան) տնօրէնութիւնը, ապա Արմաւենիի խմբագրութիւնը։ Նոր հանդէսը պէտք է լոյս տեսնէր տարւոյն սկիզբէն, սակայն «փորագրիչին» յապաղումով անոր հրատարակութիւնը կը յետաձգուի մինչեւ 1865 թ. Մարտի 16։ Մեր մօտ գտնուած առաջին համարի առաջին էջի լուսապատճէնէն կը քաղենք հետեւեալ հատուածները8։ Իր առաջնորդող յօդուածին մէջ Ա. Մուրատեան կը բացատրէ, թէ
72
Եգիպտաբնակ Պատուելի Ազգայինք արդարեւ մեծ փափաք մը ունէին հոս պզտիկ տպարան մը եւ լրագիր մը ունենալու, որ յիրաւի կը վայլէր իրենց, թէ իրենց կրթութեանը եւ թէ նիւթական կարողութեանը նկատմամբ, որ ազգիս մտաւորական մշակութեանը նպաստէին հրատարակութիւններով ինչպէս նաեւ ուրիշ հարկաւոր միջոցներով, քանի որ իրենց թուոյն համեմատութեամբ, – ուրախ ենք հաստատելու, – մէջերնին բարձրաստիճան անձինքը` հարուստները եւ կրթեալները բազմաթիւ են` քան թէ այլ տեղեր, բայց սակայն իրենց բարի նպատակը գործադրող զօրութիւն մը կը պակսէր իրենց. որն որ այժմ վրայ հասնելով այն փափաքնին լցուեցաւ։ Առաջնորդական փոխանորդ Գեր. Մկրտիչ Արքեպիսկոպոսն իրենցմէ աւելի սէր ունենալով մամուլին ազգերնուս մէջ զարգացմանը` հոս ժամանելէն ի վեր իւր առաջին հոգերէն մէկն եղաւ փոքրիկ տպարան մը եւ ազգային լրագիր մը հիմնել, որուն տնօրէնութիւնը մայրաքաղաքիս Դպրոցին Հոգաբարձութեանը յանձնելով` սա եւս անոր խմբագրութիւնը մեր նուաստութեան տուաւ։ Մենք ալ միշտ փափաքելով ձեռքերնուս եկած ծառայութիւնն ազգերնուս մատուցանել` յանձն առինք այս ծանր պաշտօնը` որ մեր կարողութենէն վեր եղած է։ Շահեկան է նաեւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովսէփ էֆէնտի Մանուկեանի յայտարարութիւնը. Այս լրագիրն որ այսօր կը մատուցանեմք Հասարակութեան կը հրաւիրէ ամէն անոնց խորին ուշադրութիւնը որ վառեալ են ազգային ազնիւ ոգւով։ Լրագրոյս նպատակն է հրատարակութեան միջոց մը ըլլալ այն ամէն գրուածոց որք կրնան ազգին ընդհանրութեանը օգուտ ունենալ։ Առաջնորդական փոխանորդ Գեր. Մկրտիչ Արքեպիսկոպոսին առաջարկութեամբը հիմնեալ եւ մեր տնօրէնութեանը յանձնեալ այս լրագիրը կը փափաքիմք ի բոլոր սրտէ որ խաղաղութեան եւ արդարութեան գործիք մը ըլլայ, որ սէր եւ միաբանութիւն սերմանէ ազգայնոց մէջ, եւ ընդնմին նպաստէ եղած զրկանքները դարմանելու։ Եգիպտահայ լրագրութեան առաջին քառասնամեակին պատմութիւնը համառօտ տեսութեամբ մը ներկայացնելով` Հայր Մկրտիչ Պոտուրեան դիպուկ բնութագրում մը կ’ընէ. Եգիպտոս առաջին շրջանին մէջ երկու թերթ միայն ունեցաւ, որոնցմէ մէկը Արմաւենի դեռ գոյութիւնը չիմացած չորցաւ, եւ Նեղոսը նպատակին չհասած ցամքեցաւ առաջին տարւոյն մէջ9։
Արմաւենիի միջոցով ցանուած ոսկի սերմերը` խաղաղութեան եւ արդարութեան, ինչպէս նաեւ սիրոյ եւ միաբանութեան, դար մը եւ տասնամեակ մը`
73
եգիպտահայ լրագրութեան աւանդոյթը դարձած է։ Արեւ օրաթերթը` վեց տասնամեակէ ի վեր, որպէս եռանդուն աւանդապահ, հասարակական կարծիքը առաջնորդած է այդ իտէալով։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 10 Մայիս 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.0105 12 Մայիս 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.0106
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Տոքթ. Իպրահիմ Ապտոյ եղած է Գահիրէի Համալսարանի Գրականութեան Ֆագիւլթէի լրագրութեան պատմութեան դասախօս։
2. Աւետիս Պալեան, «Եգիպտահայ լրագրութիւնը (Թռչնաթիռ ակնարկ)», Եգիպտահայ տարեցոյց, Ա. տարի, Գահիրէ, 1914, էջ 147։ 3. Բաբկէն Կթ. Կիւլէսէրեան, Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1939, էջ 706։ 4. Նոյն տեղը, էջ 707։ 5. Կիլիկիա, Կ. Պոլիս, 28 Նոյեմբեր 1864։ 6. Կիլիկիա, Կ. Պոլիս, 5 Դեկտեմբեր 1864։ 7. Արտաշէս Հ. Գարտաշեան, Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց պատմութեան համար, Ա. Պատմութիւն եգիպտահայ եկեղեցիներու եւ գերեզմանատուններու, Գահիրէ, 1943, էջ 187։ 8. Ցաւալի է, որ մեր գաղութին մէջ նմոյշի համար իսկ օրինակ չի գտնուիր Արմաւենիի հաւաքածոյէն, որմէ կարելի ըլլայ հետապնդած ուղղութեան մասին ընդհանուր բնութագրում մը ընել։ Պարբերական մամուլի կարեւոր հաւաքածոներ կը գտնուին մասնաւորաբար Մխիթարեան զոյգ միաբանութիւններու մատենադարաններուն մէջ։ Այսպէս Արմաւենիի հազուագիւտ օրինակներէն` թիւ 1 եւ 2 համարները կը գտնուին Վենետիկ (Բազմավէպ, 1907, Փետր., էջ 73), իսկ թիւ 2, 3 եւ 4 համարները` Վիեննա (Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու որոնք կը գտնուին Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ ի Վիեննա, 17941921, կազմեց` Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, Վիեննա, 1924, էջ 12։ Տես նաեւ` Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1794-1967). համահաւաք ցանկ, կազմեց` Ա. Կիրակոսեան, Երեւան, 1970, էջ 55-56)։ Արմաւենիի 1-5 համարները լրիւ` դեռ ոչ մէկ գրադարանի մէջ յայտնաբերուած են։ 9. Հ. Մ. Պոտուրեան, «Եգիպտահայ լրագրութեան քառասնամեայ պատմութիւնը, 1865-1905 (Համառօտ տեսութիւն)», Բազմավէպ, 1907, Փետր., էջ 74։ ˺̂ ι ˬΔΜϟΎΜϟ ΔόΒτϟ ˬ˺̂˾˺ – ˺̀̂́ ΔϳήμϤϟ ΔϓΎΤμϟ έϮτΗ – ϩΪΒϋ ϢϴϫήΑ· έϮΘϛΪϟ
74
ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅ ՁԵՌԱԳԻՐ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Ա. ՊԱՏԱՆԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Հայ հասարակական միտքի զարգացումին ընթացքը ուսումնասիրելու համար, տպագիր կամ խմորատիպ մամուլին առընթեր, նոյնքան կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել ձեռագիր պարբերական մամուլին այն հազուագիւտ նմոյշները` որոնք բարեբախտ դիպուածով փրկուած են այլ եւ այլ աղէտներէ։ «Երջանիկ պատահականութեան» կը վերագրենք` առ այսօր անծանօթ մնացած, անձնական արխիւներէ վերջերս յայտնաբերումը ձեռագիր հաւաքածոներու ուշագրաւ նմոյշներուն` որոնց շահեկանութիւնը կ’ուզենք յանձնել բանասէրներու ուշադրութեան։ Հայ մամուլի «անեզր ովկէան»ին մէջ, ձեռագիր հրատարակուած թերթերն ու ժողովածուները` իրենց եզակի օրինակներուն անմատչելի ըլլալուն պատճառով, մեծ մասով անյայտ մնացած են բանասիրութեան։ Մեր հետաքրքրութեան առարկայ առաջին հաւաքածոն` գաղափարապաշտ պատանիներու իտէալներուն համապատասխանել ջանացող հանդէս մըն է, Հայ պատանի յատկանշական տիտղոսով, յղացուած եւ իրագործուած պատմական արհաւրալից շրջանի մը։ Հայ պատանին` որ իր հրատարակիչներուն կողմէ նախատեսուած էր ամսաթերթ մը ըլլալու, ունի իր կարճառօտ պատմութիւնը։ Պոլսոյ բոլոր հայ դպրոցներուն օրինակով` Բերա թաղամասին Համամ փողոցին վրայ գտնուող վիեննական Մխիթարեան հայրերու վարժարանը, 1915 թ. Ապրիլ ամսուն, կը փակէ իր դռները եւ առերեւոյթ կը դադրեցնէ ուսումնական գործունէութիւնը։ Սակայն վայելելով աւստրիական հովանաւորութիւն` որպէս դաշնակից պետութեան մը քաղաքացիներ, վարդապետները կը վերսկսին դասաւանդութիւններուն, սահմանափակուելով միայն նախակրթարանի բաժինին մէջ, որովհետեւ երկրորդական կարգերու աշակերտները` գրեթէ ամբողջը, իթթիհատական կարգադրութիւններուն ենթարկուած էին...։ Այդ օրերուն` շշնջելով շրջան կ’ընէին չարագուշակ զրոյցներ. դեռ անծանօթ կը մնային
75
սարսռազդեցիկ եղեռնագործութիւնները...։ Ոստիկանական հետապնդումներու իրենց հերթին կը սպասէին սակաւաթիւ գիշերօթիկներ թիւով վեց հոգի, որոնք պարսկահպատակ կամ ռուսահպատակ աշակերտներ էին, անոնցմէ երկուքը` Փաստրմաճեան Վահէ եւ Գեղամ, օսմանեան խորհրդարանի էրզրումցի մէպուս Արմէն Գարոյին եղբօրորդիներն էին, ուրիշ էրզրումցի մը` Էֆթեան Լեւոն, բաբերդցի` Սիմոնեան Սարգիս, եւ երկու կովկասահայ եղբայրներ` Սարուխան Ալեքսանդր եւ Լեւոն։ Դիպուածը` այս փոքրաթիւ խմբակէն միայն վերջին երկուքն է, որ կը փրկէ... Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին ամբողջ տեւողութեան` Սարուխան եղբայրները «բանտարկուած» կը մնան վարժարանին մէջ, եւ ժամանակին ստիպողականութենէն թելադրուած` տեսչութեան կարգադրութեամբ կը դառնան ներքին ուսուցիչներ, մինչ իրենք զարգուն պատանիներ, նախակրթարանի Զ. Ե. եւ Դ. կարգերու իրենց փոքր ընկերներուն աւանդելով գերմաներէն, թուաբանութիւն, գիտութիւն եւ աշխարհագրութիւն։ Քաղաքական եւ տնտեսական բարդ իրադրութեան մէջ թաւալող ժամանակը, սակայն, գործարար երազներով կը հասունցնէ պատանի եղբայրներուն միտքը, որուն պտուղը կ’ըլլայ «նորահաս հայ սերունդը հետաքրքրող եւ անոր զարգացումին սատարող թերթի մը հրատարակութիւնը»։ Այդ նպատակով` անոնք կը մշակեն ծրագիր մը, «զոր պիտի իրագործէին երբ խաղաղութիւնը գալէն վերջ` դուրս ելլէին վարժարանէն»։ Մինչ այդ, երկու պատանիները կը պատրաստեն նմոյշ-օրինակ մը այն թերթէն «զոր պիտի հրատարակէին` ... Հայաստանի մէջ, քանի որ նշաններ սկսած էին երեւան գալ, թէ խաղաղութեան առաջին պտուղներէն մէկը պիտի ըլլայ` իբրեւ անկախ պետութիւն Հայաստանի վերականգնումը»։ ***
Այս նոր յայտնաբերուած հաւաքածոյին բովանդակութիւնը` գիտական շրջանառութեան մէջ դնելու նպատակով, զայն կը ներկայացնենք համառօտակի. Հայ պատանի ամսաթերթին թիւ 1 (նմոյշ թիւ)ը` հրապարակուած է 1919 Յունուար 1-ին, 21,3x16.7 սմ. չափերով։ Ջրաներկով նկարզարդուած տիտղոսաթերթը կը ներկայացնէ` Ներոնի հանդիսադրութեամբ հրոյ ճարակ եղող Հռոմը։ Բովանդակութենէն քանի մը վերտառութիւններ` «Ինքնակալի քմահաճոյքներ», «Սառոյցներու երկրին մէջ», «Հսկայ մողէսներ», եւն.։ Տիտղոսաթերթի դարձերեսին` մանրամասն բովանդակութիւնն է։ Դատարկ ձգուած է առաջին էջը։ Էջ 2, Աղեքսի նկարը` Մահացու պայքար կոկորդիլոսի եւ վագրի միջեւ։ Նիւթին պահանջած բոլոր նկարազարդումները` ճարտարօրէն կատարուած են ջրախառն չինական մելանով (lavis)։
76
Բովանդակութիւնը կը պարունակէ հետեւեալ բաժինները. ԿԵՆԴԱՆԻ ԲՆՈՒԹԻՒՆ` որուն գլխաւոր յօդուածն է «Մողէսներու հսկաները», այստեղ` էջ 3-13, հետաքրքրական կերպով ներկայացուած են համասեռ հսկաները` կոկորդիլոս (Ափրիկէ), գաւիալ (Ասիա) եւ ալիգատոր (Ամերիկա)։ Բացի էջ 8-էն, 10-էն եւ 13-էն մնացեալները նկարազարդ են։ Էջ 14, կը գտնենք Յ. Այվազովսքիի Վերջին կոհակը ծովանկարին վերարտադրութիւնը։ ՀԻՆԷՆ ԱՆՑՔԵՐ ՈՒ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ` «Ինքնակալի քմահաճոյքներ»ը, էջ 15-23, կը պատմէ Եգիպտոսի երեք ամենամեծ բուրգերուն, Տրովադայի եղերական տեսարանին, Հռոմի աւերումին եւ Լուդովիկոս ԺԴ.ի քմահաճոյքները։ Նկարազարդ են` էջ 15, 17, 21 եւ 23։ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՏԻԵԶԵՐՔ` «Ի՞նչպէս ծնաւ երկիրը», էջ 24-30։ Նկարազարդուած էջեր` 26, 28 եւ 29։ ԾՈՎ ՈՒ ՑԱՄԱՔ` «Սառոյցներու երկրին մէջ», էջ 31-37։ Բացի էջ 32-էն` մնացեալները նկարազարդ են։ ՀԱՐՑԵՐ ԱՄԷՆ ՆԻՒԹԷ` «Երազ. երեւակայութեան աշխարհ», էջ 38-44։ (Շարունակութիւնը յաջորդ թուով)։ ՆՕԹԵՐ` «Գայլերու խորամանկութիւնը», էջ 44-45։ «Ծառերու հայրենիքը», էջ 45-46։ «Շոգեկառքը Հնդկաստանի մէջ», էջ 46։ «Սրտի բաբախումներու թիւը», էջ 46։ ՈՅԺ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ` «Ահա՛ այսպէս կը ցատքեն», էջ 47-50, բոլորն ալ նկարազարդ։ Կ’արտագրենք էջ 48-ի շահեկան տեղեկութիւնը. Հայ մարմնամարզիկ մը. – 1911-ին Մայիսի մէջ տեղի ունեցան Հայկական ողիմպիականի առաջին խաղերը։ Ահա այդ մրցումներէն միոյն լուսանկարն է առընթերակայ տեսարանը։ Հակառակ որ իբրեւ հայկական ընդհանուր մրցում առաջինն էր այդ, բայց ցատքուած բարձրութիւնը գոհացուցիչ էր։ Առաջին ելած էր Պր. Բիւզանդ Կէոզիւբէյիւքեան, անցնելով աւելի քան մարդկային հասակի բարձրութեամբ, հորիզոնական ձողը։ Էջ 50, Պ. Շաւարշ Քրիսեան. – Ուսուցիչ մարմնամարզի. ան եղաւ հայ մարմնամարզական շարժումներու առաջին կազմակերպիչը։ Հիմնադիրն էր Մարմնամարզ ուսումնաթերթի, որուն արդիւնքը շատ մեծ եղած էր։ Հայ մարմինը միշտ երախտապարտ է անոր։ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔ` «Փոքր երկիր, Փոքր կառավարիչներ», էջ 51-58։ Նկարազարդուած են` 53, 54 եւ 58 էջերը։ Ամերիկացի մեծահարուստ մարդասէր` Ջորջ Եունորի մարդասիրական մէկ ձեռնարկն է, որ յաջողութեամբ իրագործուած է 1895 թ.։ Մարդասէրը` լքուած տղաք դաստիարակելու գործնական կերպ մը խորհած է, անոնց մօտ արթնցնելով եւ զարգացնելով պատասխանատուութեան զգացումը։ «Առանց չափահասներու առաջնորդութեան, բոլորովին ինքնագլուխ պատանիները կարո՞ղ են արդեօք արդիւնաւոր կեանք մը վարել եւ մարդկութեան
77
օգտակար հանդիսանալ։ Չեմ կրնար այստեղ, գոնէ գործնականապէս, վճիռ տալ հայ պատանիներու մասին, թէեւ տեսականապէս այնքան յոռետես մը չեմ, բայց թէ ինչ պէտք է պատասխանել Ամերիկայի պատանեկութեան համար, հետեւեալ յօդուածին մէջ յայտնի կ’երեւայ», – կը գրէ պատանի խմբագիրը (էջ 51)։ ԱՐՁԱԿ ԵՒ ՈՏԱՆԱՒՈՐ ԿՏՈՐՆԵՐ` «Երեք օր բանտ» պատմուածք, էջ 59-69։ Նկարազարդ են` էջ 60, 61, 65, 67, 68 եւ 69։ Էջ 64, «Ծովը» – նկար Աղեքսի։ «Ձմեռ» բանաստեղծութիւն, էջ 70-72. առանց զարդանկարի է միայն էջ 71։ «Հիւանդ քոյրս – մանկական վիշտ», էջ 73-74. առաջին էջը չէ նկարազարդուած։ «Գանձի մը համար» վէպ, էջ 75-82 (Շարունակելի յաջորդ թուով)։ Նկարազարդուած էջեր` 77, 78, 79 եւ 81։ ՃՇՄԱՐԻՏ ԽՕՍՔԵՐ, էջ 82. – «Իւրաքանչիւր մարդուն մէջ կայ զօրութիւն մը, որ կը կոչուի ԿԱՄՔ երբ իր անձին դէմ գործածուի, եւ ՅԱՄԱՌՈՒԹԻՒՆ` երբ ուրիշներու դէմ ծառայէ»։ ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՒ ՀԱՃԵԼԻ ԺԱՄԵՐ` «Թէ ի՞նչպէս շինել հեռագրի գործիք մը», էջ 83-85, բոլորն ալ գծանկարներով։ ՀԱՅ ՊԱՏԱՆՒՈՅՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ. – Առաջարկուած երկու գծանկար մրցումներուն` պարգեւներ տրամադրուած են։ Էջ 86, կը փակուի Պարզ հարցումով մը. «Ո՞ւր է որ կռիւի մը անխափան կը յաջորդէ կեանքը»։ Հանդէսին յաջորդ համարը պիտի պարունակէր` - Հայաստանի նոր մայրաքաղաքը եւ իր շրջակաները։ - Պատանիներու հսկայ բանակին գործերը։ - Հրաշալի տունկեր, եւ այլն։ ***
Մօտաւորապէս վեց տասնամեակ ետք, երբ այսօր կը թղթատենք հանդէսին դեղնորակ էջերը` միայն հիացումի արժանի կը գտնենք երկու եղբայրներուն գործակցութիւնը, ծայրայեղ բարեխղճութիւնը եւ մանաւանդ` ջանադիր համբերատարութիւնը։ Շնորհիւ յարատեւ ճիգերու` թեքնիք աշխատանքը կատարուած է տպագրականին նմանողութեամբ, գծափակ էջերով, խորագիրներու համար գեղարուեստական այլաձեւ տառանմոյշներով եւ բոլոր գրութիւններուն համար` 10 կէտաչափ պարզ ձեռագրով։ Հանդէսին բոլոր յօդուածները անստորագիր ըլլալուն` դժուար է գուշակել խմբագիր եղբայրներուն համատեղ աշխատանքին սահմանները։ Սակայն, երէց եղբայրը կը ճշտէ իրողութիւնը. «Ամէնէն աւելի, – կը խոստովանի ան, – եղբօրս Լեւոնին միտքի արգասիքն է այս թերթը` իր բաժանումներով, ձեւաւորումով, նորավէպերով, բանաստեղծութեամբ։ Թերթը ամբողջութեամբ` իր ձեռքով եւ ձեռագրով մէջտեղ ելած է։ Նիւթերուն ընտրութիւնը` գիտական, պատմական,
78
մարզական, բոլորը իր կողմէ հաւաքուած, ամփոփուած, ձեւաւորուած են։ Ինծի վիճակուած էր խորհրդակցութիւն, թելադրութիւններ, կողքի եւ ներքին նկարազարդումները։ Իրն են նաեւ զարդանկարները»։ Վերյիշելով խանդավառութեան օրերը, Հայ պատանիի խմբագրին խորհրդակից` Ալ. Սարուխան կ’ամբողջացնէ այդ մասին իրմէ խնդրուած մանրամասնութիւնները. «Այս նմոյշ-մաքէթը մնաց նմոյշ-մաքէթի վիճակին մէջ եւ մեր երազները յօդս ցնդեցան, որովհետեւ Հայաստան չձեւաւորուեցաւ մեր ակնկալած ձեւով եւ չիրագործուեցաւ Ուիլսընի ծրագիրը»։ Արդարեւ, նոր կազմաւորուող հայկական պետականութիւնը` դեռ շատ հեռու էր յուսադրիչ ըլլալէ, որովհետեւ այնտեղ տիրողը` սովն էր, համաճարակ հիւանդութիւնները, վայրագութիւններ, յուսահատութիւն եւ յուսախաբութիւն... ինչպէս կը պատմէ հայ բեմին ծառայել փափաքող կարսեցի երիտասարդ մը, որ այդ թուականին Երեւան փութացեր էր1։ Հայ պատանին իր ժամանակին յարմարագոյն հրատարակութիւնը կրնար ըլլալ, եթէ հանգամանքները թոյլ տային, որ պատանի խմբագիրները իրագործեն իրենց առաջադրած առաքելութիւնը։ Հրատարակիչներուն նպատակը եղած էր համեստ` ընդհանուր գիտելիքներով լուսաւորել իրենց հասակակիցներուն միտքը, որ զարգացումէ բոլորովին զրկուած էր անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին։ Առանց նկատի առնելու հոլովական կամ ուղղագրական կարգ մը հինցած ձեւերը, նշելի պարագայ մըն է, որ հանդէսին մէջ ներկայացուած բոլոր գրութիւնները շարադրուած են արեւմտեան յստակ հայերէնով, ինչ որ խմբագիր եղբայրներուն հայերէնագիտութեան մակարդակին ապացոյցը պէտք է նկատել։ Գրեթէ բոլոր հայաբնակ վայրերուն մէջ, այդ օրերու առաջաւոր մտածողները պահանջ զգացած են մանուկներու եւ պատանիներու յատուկ հանդէսներ հրատարակելու։ Այսպէս` ԺԹ. դարու 60-ական թուականներէն սկսեալ, մինչեւ Ի. դարու 20-ական թուականները, լոյս տեսած են մօտաւորապէս երկու տասնեակ հանդէսներ` որոնց շատ հարեւանցի թուարկումը, աւելորդ չենք նկատեր այստեղ։ Մեզի ծանօթ տուեալներով` մանկա-պատանեկան առաջին հանդէսը խմբագրողը եղած է Գրիգոր Պալեան անունով անձ մը, յետագային` Տ. Վրթանէս Ա. քհյ., որ 1861-1865 թթ., Կ. Պոլսոյ մէջ հրատարակած է Թռչնիկ ամսօրեայ օրագիրը2։ Նոյն շրջանին` 1862 թ., Իզմիրի Մեսրոպեան վարժարանի Սանուցը կը հրատարակէ Բողբոջ աշակերտական թերթիկը3։ Տասնամեակ մը ետք` 1872-1908 թթ. ամերիկացի միսիոնարները Պոլսոյ մէջ կը հրատարակեն Աւետաբեր տղայոց համար շաբաթաթերթը, հայ մանուկները աշխարհաբար լեզուով դաստիարակելու համար (Տես` Կ. Պ. Ատանալեան, «Շտեմարան պիտանի գիտելեաց առաջին աշխարհաբար հայերէն թերթը
79
1839ին», Հայաստանի կոչնակ, 1960 Փետր. 20, էջ 180)4։ Մինչեւ դարասկիզբ` Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնեն Բուրաստան մանկանց, 18821890 թթ.5 եւ Ծաղիկ մանկանց, 1889-1893 թթ., հանդէսները6. իսկ Թիֆլիսի մէջ` 1883- 1918 թթ., Աղբիւրը7։ Դարասկիզբէն նոր թափով կը շարունակուի հրատարակութիւններու շարքը. գաղութներու մէջ ալ պատահական կերպով լոյս կը տեսնեն քանի մը հանդէսներ։ Հայասէր անգլիացիներու աջակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ հաստատուած Չիկուէլի Հօմը (Լոնտոն), ուր քանի մը տասնեակ հայ որբեր պատսպարուած էին, 1902-1907 թթ. կ’ունենայ իր տպարանիկը եւ Պատանի պատկերազարդ ամսաթերթիկը, «որուն խմբագիրները եւ վարիչները «իրենք» եղած են, հոն առաջ եկող պատանեակները, առաջնորդութեամբ իրենց դաստիարակ Թումաեանին» (Տես` Խօսնակ, «Յոբելեար Բրօֆ. Կ. Թումաեան», Հայաստանի կոչնակ, 1930 Մարտ 8, էջ 308)8։ Ձիթենի կիրակնօրեայ պատկերազարդ թերթը լոյս կը տեսնէ 1903 թ. Ռուսճուքի, իսկ 1904 թ. Սոֆիայի մէջ9։ Աղեքսանդրիոյ մէջ` 1903-1904 թթ. կը հրատարակուի Պարտէզը10։ Հասկեր պատկերազարդ ամսագիրը Թիֆլիսի հրատարակութիւն է, 1905-1916 թթ.11։ 1908 թ. Բագուի մէջ լոյս տեսած է Պատանեկան գրադարան կիսամսեան12։ 1909-1910 թթ. Գահիրէի Գալուստեան վարժարանի աշակերտներուն հանդէսը եղած է Լուսինը13։ Մարզուանի մէջ` 1910-1912 թթ., նորահասները կ’ունենան Հայկունի կիսամսեայ հանդէսը14։ Դարձեալ Մարզուանի մէջ, 1911-1914 թթ. լոյս տեսած է Բողբոջ պատկերազարդ կիսամեան15։ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանի աշակերտներու միութիւնը 1911 թ. հրատարակած է Սիրտ ամսաթերթը16։ Պոլսական հրատարակութիւններ են` Տաճար մանկանց, 1913-1915 թթ.17, Նիկողոսեան աղջիկներու վարժարանին Փեթակ ամսօրեան` 1913 թ.18, Էսաեան վարժարանի աշակերտներուն Մանկական կեանք կամ Մեր փորձերը, 1914 թ.19։ Բագուի մէջ` 1916 թ. լոյս կը տեսնէ Ծիլ ալմանախը20։ Թիֆլիսի մէջ` 1917 թ. Նոր բողբոջը21, Ախալցխայի մէջ` 1917-1919 թթ. Շարժումը22, Գանձակի մէջ` 1917 թ. Քայլեր ամսագիրը23։ Պատերազմէն ետք, 1921-1922 թթ., ամերիկեան Պայպլ-Հաուսը կը հրատարակէ Հայ պատանի պատկերազարդ շաբաթաթերթը24։ Նախապէս` 1919-1929 թթ., այս շաբաթաթերթը լոյս տեսած է Առաւօտ նորահասներու խորագրով25։ Այս հոյլին մէջ` Սարուխան եղբայրներուն Հայ պատանին ալ կրնար շողարձակել, եթէ բարենպաստ պայմաններ ըլլային...։
80
Բ. ՂՈՒՂԻԿՕ ԿԱՄ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՓՈՒՆՋ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ
1919 թ., երբ Հայ պատանի հանդէսը26 կը խմբագրէին` Սարուխան եղբայրները արդէն նախընթաց հրատարակութեան մը փորձը ունէին։ Հայ ձեռագիր մամուլը ուսումնասիրելու ջանադրութեամբ` երէց եղբօր հաղորդած գրաւոր, եւ զրոյցներու ընթացքին յայտնած բոլոր տեղեկութիւնները մէկտեղելով, խմբագրական այդ նախափորձին պատմութիւնը ուրուագրելը` շահեկան կը նկատենք։ Պատանի խմբագիրներուն հայրը` Յակոբ Զատիկի Սարուխանեանը, իր տնտեսութիւնը բարելաւելու մտադրութեամբ` քարիւղի վաճառման գրասենեակ մը կը բանայ Պոլսոյ մէջ, ուր կարճ ժամանակ ետք, իր ընտանիքն ալ Պաթումէն գալով` իրեն միանայ։ Ռուսական միջավայրէ տեղափոխուած երկու մանչերը` Աղեքսանդր եւ Լեւոն կը յաճախեն վիեննական Մխիթարեան հայրերուն վարժարանը, պատանի հանդիսատեսին սահմանուած թատերական երգախառն երկերու հեղինակ` Հ. Գէորգ Փանջիկեանի տեսչութեան շրջանին27։ Մինչ Կովկասի մէջ` ընտանի խօսակցութիւնը կ’ընթանար արեւելեան հայերէնով Արտանուշի բարբառով28, այստեղ` երկու տղաքը արեւմտեան վճիտ հայերէնին կը տիրապետեն, բանասիրական իր վաստակով ծանօթ` Հ. Արիստակէս Վարդանեանի ջանքերուն շնորհիւ։ Թէեւ ժամանակաշրջանին յատուկ մտաւորական ժամանց մըն էր ձեռագիր թերթ հրատարակելը, սակայն Սարուխան եղբայրներուն մտասեւեռումը կ’ըլլայ` ինչպէս կը խոստովանի երէց եղբայրը, գիրով եւ վրձինով օգտակար ըլլալ ազգին։ Այսպէս` 1910-1912 թթ., մատաղատի եղբայրները` հրապարակագրութեան հանդէպ ունեցած իրենց հակումը կը դրսեւորեն տունը խմբագրուած Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ երգիծաթերթով, որ շաբաթական երկու օրինակով կը հրատարակուէր, մէկը` տնեցիներուն համար, իսկ միւսը` իրենց կնքահօր Յակոբ Գազանճեանին, որ թերթին հրատարակութեան մեկենասութիւնը ստանձնած էր` տարեկան թուղթին համար պահանջուած հինգ թրքական ղրուշը վճարելով։ Տարօրինակ կը թուի թերթին առաջին անունը։ Այդ շրջանին լոյս տեսնող Կիկօ երգիծաթերթին նմանողութեամբ` խմբագիր եղբայրները իրենց շաբաթաթերթը մկրտած են Ղուղիկօ երեւակայական անունով29։ Ղուղ` ուղեղ իմաստով, մեր լեզուին գաւառական բառերէն է, որ կը գործածուի շատախօսութեամբ ձանձրացնել, գլուխ տանիլ նշանակութեամբ30։ Երգիծական բնոյթով թերթի մը համար կարելի՞ էր աւելի ինքնատիպ անուն մը ճարել։ Երգիծաթերթը բաղկացած է տպագրի ձեւով յօրինուած ձեռագիր չորս էջէ, որոնք լեցուած են առաւելաբար Լեւոնի, եւ մասամբ նաեւ Աղեքսանդրի գրու-
81
թիւններով։ Իսկ միայն Աղեքսանդրին վերապահուած էր քաղաքական երգիծանկարներուն պատրաստութիւնը. «Կը յիշեմ, – կը յայտնէ ան, – որ մէջերնին շատ ալ աղուորներ կային»։ Խմբագիրները իրենց նիւթերը հաւաքած են ընտանեկան շրջանակի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւններէն, որոնք բոլորն ալ կը դառնային 1896 թ. տեղի ունեցած ջարդերու, հալածանքներուն եւ գործուած վայրագութիւններուն շուրջ։ Օր մըն ալ, մշտական սարսափի հետեւանքով, տարիներու իրենց վաստակը ամբողջութեամբ կրակի տուած են։ Բարեբախտ պատահար մը սակայն, իսպառ կորուստէ փրկած է Ղուղիկոյին միակ համարը։ Անգամ մը` թերթին հերթական համարը հազիւ աւարտած, խմբագիրը դասարանին մէջ զայն աչքէ անցուցած պահուն` կը բռնագրաւուի տեսուչ հօր կողմէ։ Այդ միակ նմոյշը մաս կը կազմէ Մխիթարեան Մատենադարանին հաւաքածոյին, որուն Լիակատար Ցուցակին թ. 560-ի մասին կը կարդանք. «Մանկական փունջ (Ձեռագիր), Կ. Պոլիս, 1910, թ. 4-5 միայն»31։ Կեանքի յորձանուտին մէջ` երկու եղբայրները կը զրկուին միատեղ աշխատելու բերկրանքէն, իւրաքանչիւրը իւրայատուկ կերպով ակօսելով իր ուղին։ Մեծ եղբօր աշխարհի մէջ ապահոված հռչակը` քիչերու միայն տակաւին անծանօթ մնացած է. իսկ փոքրը32, քիմիագէտ դառնալէ ետք` վարած է ուրիշ պաշտօն մը. ան եղած է գիտական պատկերազարդ հանդէսի մը մնայուն աշխատակիցը33։ Իր բծախնդիր եւ նուրբ ճաշակին արգասիքն է` փակագրի արուեստին ինքնատիպ նմոյշներ պարփակող չորս պրակները34, որոնց մասին արուեստաբան փրոֆ. Pierre Maertens-ի հեղինակաւոր կարծիքը ուշադրութեան արժանի է. Et voici qu’un étranger, venu de ces terres proches de l’Orient chrétien où florissait la miniature monogrammatique byzantine, nous apporte le charme nouveau des plus belles interprétations ornementales de l’espèce que nous ayons vues depuis longtemps. Les Monogrammes de M. Lèon Saroukhan sont remarquables par la simplicité de leur interprétation, qualité bien moderne qui dénote chez l’auteur une sérieuse discipline artistique.
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 11 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.181 (Ա. մաս) 12 Օգոստոս 1975, Կ. տարի, թիւ 17.182 (Ա. մաս) 10 Օգոստոս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.470 (Բ. մաս)
82
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Գարեգին Բես, «Սիրոյ բացատրութիւն, Չարենցեան մասունքներ շարքից, բարեկամիս պատմածը», Սովետական արուեստ, 1975, թիւ 3, էջ 46։ 2. 3. 4. 5. 6. 7. Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա (1794-1900), առաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով, կազմեց Յովհ. Պետրոսեան, Երեւան, Հայկական ՍՍՌ Պետգրապալատ, 1956, էջ 269, 277, 172, 424, 567, 429։ 8. 9. 10. 11. 12. 13. 14. 15. 16. 17. 18. 19. 20. 21. 22. 23. 24. Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա (1900-1956), առաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով, կազմեց Յովհ. Պետրոսեան, Երեւան, Հայկական ՍՍՌ Պետգրապալատ, 1957, հատոր 2, էջ 25, 31, 32, 39, 148, 160, 180, 202, 234, 265, 266, 272, 287, 289, 289, 301, 364։ 25. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1794-1967). համահաւաք ցանկ, կազմեց Ա. Կիրակոսեան, խմբագրութիւն եւ առաջաբան` Հ. Կոստիկեանի եւ Հ. Սիլվանեանի, Երեւան, Ալ. Մեասնիկեանի անուան Հանրապետական Գրադարան, 1970, էջ 332։ 26. Տես` Արեւ, 1975 թ. Օգոստոսի 11 եւ 12 համարները։ 27. Կենսագրական անտիպ նոթերուն մէջ, որպէս տեսուչ` Ալ. Սարուխան յիշատակած է Հ. Վարդան Մելքիսեդեանը։ 28. Հայերէն գաւառականներուն շարքին` Հրաչեայ Աճառեան նշած է Արտանուշի բարբառը կամ ենթաբարբառը (տես` Հայերէն արմատական բառարան, Երեւան, 1971, Ա. հատոր, էջ 67), սակայն` իր ուսումնասիրած եւ դասաւորած երեսուն բարբառներուն մաս չէ կազմած անիկա։ Նկատի ունենալով Արտանուշ աւանին մերձաւորութիւնը` Արդուին քաղաքին, երկու շրջաններու հայ ազգաբնակչութեան խօսած բարբառները իրարմէ շատ չեն տարբերած։ Արդուինի բարբառին համար տեսնել` Ա. Վ. Գրիգորեան, Հայ բարբառագիտութեան դասընթաց, Երեւան, 1957, էջ 434-450։ Ս. Ալավերդեան, «Արարատեան եւ Արդուինի բարբառների փոխյարաբերութեան հարցը», Բանբեր Երեւանի Համալսարանի, 1970, թիւ 2, էջ 251-256։ 29. Արամ Երամեան, Ալ. Սարուխան, ծաղրանկարիչ, (Մատենաշար Ցախաւել երգիծաթերթի, թիւ 1), Թեհրան, 1951, էջ 22։ 30. Ստ. Մալխասեանց, Հայերէն բացատրական բառարան, երկրորդ տպագրութիւն, Պէյրութ, 1956, հատոր Գ., էջ 188։ 31. Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու որոնք կը գտնուին Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ ի Վիեննա, 1794-1921, կազմեց` Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, Վիեննա, 1924, էջ 50։ ԾԱՆՕԹ ԽՄԲ. Այս առիթով` մեր ջերմ փափաքն է, որ վիեննաբնակ ուսումնասէր մը յանձն առնէ այս շաբաթաթերթին բովանդակութեան հրապարակումը։ 32. Լեւոն ծնած է Պաթում քաղաքը, 1901 թ. Յունուար 19-ին (հ.տ.). մահացած է քաղցկեղէ` Պրիւքսէլի մէջ, 1953 թ. Դեկտեմբեր 24-ին։ 33. Լեւոն Սարուխանի հանրամատչելի գիտական յօդուածներն են. - «Րատիումը», Գիտութիւն եւ գիտելիք, Անվերս, Ա. տարի, թիւ 1, Յունուար 1828, էջ 11-13։ Թիւ 2, Փետրուար, էջ 33-35։ - «Հողերու պարարտացումը քիմիական նիւթերով», նոյն տեղը, թիւ 4, Ապրիլ, էջ 6364։ Թիւ 6, Յունիս, էջ 96-97)։
83
34. L’Art du monogramme, par L. Saroukhan, édition originale, Bruxelles, 1946, premier fascicule, planches 1-38; deuxième fascicule, 1947, planches 39-68; troisième fascicule, 1948, planches 69-98; quatrième fascicule, 1949, planches 99-132.
84
ՆՈՒՊԱՐ ՓԱՇԱ
ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՌԱՀՎԻՐԱՆ Ceux qui vivent, ce sont ceux qui luttent VICTOR HUGO 1975 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 18-ÇÝ ` гÛÏ³Ï³Ý ÀÝûñó³ëñ³ÑÇ í³ñãáõû³Ý Ññ³õ¿ñáí« Ù»ñ ³ß˳ï³ÏÇóÁ Áݹ³ñÓ³Ï áõëáõÙݳëÇñáõû³Ùµ ÙÁ Ý»ñϳ۳óáõó º·ÇåïáëÇ ³é³çÇÝ Ý³Ë³ñ³ñ³å»ï Üáõå³ñ ö³ß³Ý` áñå¿ë å»ï³Ï³Ý Ù³ñ¹ »õ ³ñ¹³ñáõû³Ý é³ÑíÇñ³Û£ ÜϳïÇ áõݻݳÉáí ÝÇõÃÇÝ ß³Ñ»Ï³Ý µÝáÛÃÁ` Üáõå³ñ ö³ß³ÛÇ ÍÝݹ»³Ý 150-³Ù»³ÏÇÝ ³éÇÃáí« å³ïÙ³Ï³Ý É³ÛÝ Å³Ù³Ý³Ï³Ñ³ïáõ³ÍÇ ÙÁ Ù¿ç ßñç³Ý³Ïáõ³Í ³Ûë Ù³Ýñ³ËáÛ½ ³ß˳ï³ëÇñáõÃÇõÝÁ ÏÁ Ý»ñϳ۳óÝ»Ýù Ù»ñ Ñ»ï³ùñùñ³ë¿ñ ÁÝûñóáÕÝ»ñáõÝ£ ÊØ´²¶ðàôÂÆôÜ ²ðºôÆ Հայաբնակ երկու քաղաքներու մէջ` ասկէ մէկուկէս դար առաջ, իրարմէ միայն քանի մը ամիս տարբերութեամբ, վաճառական ընտանիքներէ աշխարհ եկած են երկու մանուկներ` որոնք իրենց կեանքի ընթացքը բոլորած են նուաճելով իրապէս նախանձելի բարձունքներ, մէկը` փառքեր հետախուզելով, միւսը` բարքեր։ Մանուկներէն առաջինը` զմիւռնիացի Նուպար Նուպարեանն է, որ դեռ պատանի, Եգիպտոս գալով` հասարակական-քաղաքական գործունէութեան լայն ասպարէզ գտած է իր առջեւ, պետական համեստ պաշտօններէն աստիճանաբար բարձրանալով մինչեւ փառքի գագաթը` ստանձնելով երկիրը կառավարելու պատասխանատու պաշտօնը։ Երկրորդ մանուկը` հայ մեծ դրամատուրգ Գաբրիէլ Սունդուկեանն է, որուն ծննդեան 150-ամեակը այս տարեվերջին հանդիսաւորութեամբ նշելու համար, կազմուած է հանրապետական յոբելեանական յանձնաժողով մը` Հայկական ՍՍՀ Մինիստրներու Սովետին Նախագահին նախագահութեամբ։ Մինչ երկրորդին յիշատակը պանծացնելու նպատակով` հանրապետական յոբելեանական յանձնաժողով մը կը կազմուի մեր հայրենիքին մէջ, առաջինին երախտիքը վերյիշելու մասին կը մտահոգուի միայն մշակութային համեստ միութիւն մը` կազմակերպելով անշուք երեկոյթ մը։
85
Յարգելի ներկաներ, Միայն այսօր չէ` որ Նուպար փաշա կ’անտեսուի իր ցեղին շառաւիղներէն. նոյն վերաբերումը ցոյց տրուած է մեծանուն հայուն կենդանութեան իսկ։ Արշակ Չօպանեան` որ Փաշան ճանչցող բախտաւորներէն մէկը եղած է, անոր կեանքի վերջին շրջանին, մատնանշած է` թէ «այս արդարութեան արեւելքի ախոյեանը, կամ ուրիշ յորջորջումով` Ֆելլահին հայրը, որոշ կերպով չէր ճանչցուած, իր բարձր կարողութիւնները անկեղծօրէն չէին գնահատուած իր իսկ ազգակիցներուն կողմէ»։ Եթէ հայը` իր ատենին, չէ գիտցած ճիշտ գնահատել Նուպար փաշայի ընդունակութիւններն ու անձնական արժանիքները, օտարը սակայն, չէ կրցած վերապահ մնալ։ Անգլիացի երկու քաղաքական գործիչներու արտայայտութիւնները, կը խորհինք` թէ ճիշտ բնութագիրը կու տան Նուպար փաշայի իրական մեծութեան։ Այսպէս, բրիտանական մեծազօր կայսրութեան լորտերէն` Պիքնսֆիլտ իր նախարարապետութեան օրերուն, Նուպար փաշան ճանչցած է որպէս հայ մը` ճշմարտապէս պետական մարդ։ Քաղաքական ուրիշ դէմք մը, Նուպար փաշան կը նկատէ` երեք դարերու ընթացքին Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն դուրս գործած մեծագոյն կառավարիչը։
Յարգելի ներկաներ, Այս պահուն` պիտի թելադրենք, որ մտիկ ընենք Քրիստոսի դեսպաններէն ամէնէն պերճախօսին` Պօղոս առաքեալի աղաչանքը. ճանչնանք մեր վաստակաւորները։ ***
«Պատմութեան առջեւ» ներկայանալու քննական փորձի մը առիթով` Նուպար փաշա իր կենսագիրներէն մէկուն գիտակից հպարտութեամբ պատասխանած է, թէ իր քաղաքական ուղին ուրուագրելու համար` պէտք է հարցաքննել Եգիպտոսի պատմութիւնը, Մեծն Մոհամմէտ Ալիի օրերէն սկսելով։ Փաշային մահուան առիթով ալ` նման կարծիք մը յայտնած է Աղեքսանդրիոյ Լա Ռեֆորմ թերթը։ Իր երկարատեւ պաշտօնավարութեան ընթացքին, – գրած է խմբագիրը, – Նուպար փաշա այնքան շաղկապուած է Եգիպտոսի ժամանակակից պատմութեան, որ անոր կեանքի յուշածումը` պիտի հաւասարէր Մոհամմէտ Ալիէն սկսեալ երկրին պատմութիւնը գրուելուն։ Իսկ անոր վաստակին դատումը, – կը շարունակէ խմբագիրը, – պիտի առաջնորդէ երկրին եւ խտիւին այժմու վիճակին պատճառներուն քննութեան։ Այս ցուցմունքները մեզի առաջնորդ ընդունելով` մենք պիտի փորձենք
86
համառօտակի պատկերացնել այն ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած են մեծ վերափոխութիւններ` շնորհիւ երկրին բարօրութեան եւ ինքնուրոյնութեան նուիրուած պետական դէմքերու։ Վերափոխիչ աշխատանքներու մէջ` Նուպար փաշայի կատարած դերը գերագնահատելի է։ Եթէ պահ մը թափառինք պատմութեան ոլորտապտոյտ ուղիներուն մէջ` կը հանդիպինք 1769 թ. ծնած, ռազմա-քաղաքական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած երկու դէմքերու` Նափոլէոն Պոնափարթի եւ Մոհամմէտ Ալիի, որոնք իրենց անունը փառաւորեցին` Եգիպտոսի նախկին փառքը վերականգնելով։ Զօրավար Պոնափարթ` 1798թ. Յուլիսի 28-ին, Ֆրանսական արշաւախումբը կը ցամաքահանէ Աղեքսանդրիա եւ արագ յառաջխաղացումով, բուրգերուն մերձակայքը, պարտութեան կը մատնէ մամլուքներու բանակը։ Այս ճակատամարտը վերջ կը դնէ աւատատիրական վարչակարգին` որ օսմանցի տիրակալներուն կողմէ հաստատուած էր, եւ ընթացք կուտայ Մոհամմէտ Ալիի յառաջացումին։ Ֆրանսական զօրքերուն մեկնումէն ետք, եգիպտացի ժողովուրդին կամքով` Եգիպտոսի փաշա կը նշանակուի Մոհամմէտ Ալին, որ կը յաջողի հին երկիրը աստիճանաբար վերածել արդիական պետութեան մը։ Այսպէս է, որ օսմանեան բանակի ալպանացի լեգէոնական մը եւ իր յաջորդները` երեք ցամաքամասերու վրայ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններով զօրացուցին իրենց նորահաստատ վեհապետական գահը։ Օսմանեան կայսրութիւնը իրեն հպատակ երկիրներ կորսնցնելէ ետք, սլաւ ընկճուած ժողովուրդներու ազատագրական պայքարը ալ աւելի ուժեղանալով, իսկ կայսրութեան սահմաններէն ներս անջատողական շարժումները աւելի շեշտուելով, օսմանեան ղեկավար դասակարգէն հեռատես անձեր` անհրաժեշտ նկատած են զանազան բարենորոգումներու ստիպողականութիւնը։ Ռազմական եւ վարչական բարենորոգումներ կատարելու քանի մը անյաջող փորձերէ ետք, օսմանեան կայսրութիւնը մաս առ մաս կը կորսնցնէ իրեն ենթակայ հողամասերը` որպէս արդիւնք ոչ-թուրք հպատակներու ազատագրական պայքարին կամ եւրոպական պետութիւններու միջամտութեան։ Պալքանեան թերակղզիի բնակիչներուն ազատագրական պայքարը` եւրոպական մեծ տէրութիւններուն կողմէ օգտագործուած էր այդ տեղամասին մէջ իրենց անձնական շահերը իրագործելու համար։ Ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու ջանքով` բուռն մրցակցութիւն կար Ռուսիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ միջեւ։ Այդ ժամանակ Եգիպտոս մրցադաշտը կը դառնայ երկու ախոյեաններու` Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ։ Մոհամմէտ Ալիի օրով` օսմանեան կայսրութեան մաս կազմելով հանդերձ, Եգիպտոս մուտք կը գործէ զարգացումի անկախ ուղի մը։ Յենելով օժանդակութեանը վրայ եգիպտացի ժողովուրդին, որ դէմ էր
87
թրքական վարչակարգին, Մոհամմէտ Ալի կը կատարէ վարչական եւ զինուորական որոշ բարեփոխութիւններ։ Երկրագործութեան մէջ` Մոհամմէտ Ալի կը քաջալերէ բամպակի մշակութիւնը, զարկ կու տայ ճարտարարուեստական ձեռնարկներու, իր բանակը լաւ սարքաւորելու մտադրութեամբ` կը հիմնէ զինարաններ եւ նաւաշինարաններ։ Մոհամմէտ Ալիի որդեգրած քաղաքականութիւնը` ձեռնտու էր թէ՛ կալուածատէրերուն եւ թէ՛ նորակազմ քաղքենիութեան. այդ քաղաքականութիւնը` իր յառաջադէմ բնոյթով, նախաքայլ մըն էր Եգիպտոսի դէպի անկախութիւն յառաջացումին։ 1840 թ. եւրոպական պետութիւններու կողմէ կը ճանչցուի Եգիպտոսի ինքնիշխանութիւնը` Թուրքիոյ անուանական ենթակայութեամբ։ Երկու մրցակից պետութիւնները կ’օգտագործեն այս առիթը` Եգիպտոսի վրայ հակակշիռ ձեռք բերելու հեռանկարով։ Մինչեւ կիսանկախ պետութեան մը վերածուիլը` Եգիպտոսի մէջ տիրող հասարակարգը օսմանեանն էր։ Հակառակ հասարակարգի նոյնութեան` եկուոր հայուն տաղանդը շուտով նկատուած եւ գնահատուած է Եգիպտոսի ղեկավարներուն կողմէ, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ, որպէս հպատակ, երկար ժամանակ հեռու պահուած է պետական պատասխանատու պաշտօններէ։ Առաջինը` երկրորդէն զատորոշող յատկանշական հանգամանքները, իրատես մօտեցումով պարզաբանած է հասարակական-քաղաքական բոլոր անցքերուն իրազեկ` Արփիար Արփիարեան։ Հայերը Թուրքիոյ մէջ թէեւ միշտ ազդեցիկ եղած են, սակայն մինչեւ անցեալ դարուն առաջին կէսը` ոչ բարձր տիտղոսներ կրած են, ոչ ալ թուրքին համահաւասար ձայն ունեցած են երկրին գերագոյն վարչութեան մէջ։ Նոյնիսկ կայսրութեան մեծ ծառայութիւններ մատուցած Պէզճեան ամիրա` միշտ ղազէզ Արթին կոչուած է, հակառակ որ Սուլթան Մահմուտի սիրելին եղած է եւ օր մը սուլթանը իր պատկերը ձեռքովը անոր կուրծքէն կախած է։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, քրիստոնեային բարձրացումը սկսած է այն օրը` երբ թուրքը գտնուած է նոր կացութեան մը առջեւ, որուն նախապատրաստուած չէր։ Եւրոպայի հետ սերտ յարաբերութիւններու մէջ կը մտնէր Թուրքիա, իսկ թուրքը` պատերազմող մարդ, չէր ստացած այն կրթութիւնը` որուն շնորհիւ կարելի էր վարուիլ եւրոպացիին հետ։ Թէեւ կային ֆրանսերէնի հմուտ եւ զարգացած թուրքեր, բայց անոնք հազիւ կը բաւէին բարձր պաշտօններէն մէկ քանիին։ Այն ատեն` սուլթանին հպատակ բոլոր քրիստոնեայ ցեղերուն մէջէն, հայը կը ներկայանայ յարմարագոյնը` թէ թուրքերուն ու եւրոպացիներուն միջեւ միջնորդութեան պաշտօնին, եւ թէ վարչական կազմակերպութեան բարեփո-
88
խումի գործին կատարումին։ Ի՞նչ էին հայուն առաւելութիւնները միւս հպատակներուն նկատմամբ։ Հայը` ծագումով ասիացի, թուրքին հետ քանի մը դար ապրելով` անոր հոգեբանութեան լաւ ծանօթ էր, միաժամանակ քաղաքական-ազգային բարձր գաղափար մը տածելու կասկածը չտալով ամէնէն վստահելի ցեղը կը նկատուի եւ կարճ ժամանակէն` հայը Թուրքիոյ վարչութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ։ Թուրքիոյ հայերը` պաշտօնական Եւրոպայի ուշադրութիւնը իրենց վրայ կը սկսին հրաւիրել Խրիմի պատերազմէն ետք, երկրին եւրոպականացումի աշխատանքին իրենց բերած գործօն մասնակցութեամբ։ Շուտով յայտնի կ’ըլլայ, որ հայ ցեղը օսմանեան պետութեան կարող վարչագէտներ հայթայթելու ընդունակ է։ Հայը` վարչագէտի յատկութիւններով, ի յայտ կուգայ մասնաւորաբար արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ. այնպէս որ Խարճիէն կամաց կամաց հայկական վարչութեան մը կերպարանքը առաւ, – կը շեշտէ Արփիարեան թաքուն հպարտութեամբ։ Անշուշտ Արփիարեանի հպարտութեան հիմք ծառայած է Ֆրանսայի ամէնէն մեծ եւ հեղինակաւոր հանդէսին` Լա Ռըվիւ տէ տէօ մոնտի վկայութիւնը, թէ Թուրքիոյ ամէնէն կանոնաւոր պաշտօնատունը Արտաքին գործերու նախարարութիւնն է, եւ ան` ամբողջովին հայերու ձեռքը կը գտնուի։ Խարճիէին պէս` եւրոպական կերպարանք առած են այն բոլոր պաշտօնատուները, ուր հայը երեւցած է։ Թուրքիոյ մէջ` քաղաքային դատարաններու հաստատութիւնը, նոր եւ լայն ասպարէզ բացած է հայերուն առջեւ։ Ամենակարճ ժամանակամիջոցի մը` հայերը ամենաբարձր դիրքերը գրաւած են։ Դատական նախարարութեան խորհրդականի տիտղոսով գործող հայը` իրականութեան մէջ եղած է դատական նախարարը։ Պէտք է նկատի առնել սակայն, որ հայուն քրիստոնեայ ըլլալը` միշտ արգելակած է իր յառաջացումը։ Թուրք դիւանագէտի մը խոստովանութեամբ, Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Գաբրիէլ Էֆէնտի Նորատունկեան, եթէ քրիստոնեայ չըլլար` արդէն երեք անգամ մեծ եպարքոս եղած կ’ըլլար։ Եթէ հայերը` կարող, հաւատարիմ, խղճամիտ պաշտօնատարներ կը հանդիսանան Թուրքիոյ մէջ, Եւրոպայի առջեւ ալ` թէ օսմանեան կայսրութեան պատիւը բարձր կը պահեն եւ թէ հայ ցեղին բարի համբաւ կ’ապահովեն, – գոհունակութեամբ կ’եզրակացնէ Արփիարեան։ ***
Կարելի է ըսել` թէ Մոհամմէտ Ալի դարերէ ի վեր սպասուած մարդն էր արեւելքի մէջ։ Ժողովրդական զրոյց մը` զոր գրի առած է Եգիպտոսի հանրային
89
կրթութեան փոխ-նախարար Եագուպ Արթին փաշա, կ’արտայայտէ արեւելեան ժողովուրդներու ընդհանուր հոգեբանութիւնը։ Աստուած` օր մը իր մօտ կը հրաւիրէ բոլոր ազգերը, իրմէ շնորհ մը խնդրելու համար։ Որոշեալ օրը` երկրին բոլոր բնակիչները կը հաւաքուին Աստուծոյ գահին շուրջ։ Անգլիացիները` վաճառականական բարգաւաճութիւն կը խնդրեն։ – Շնորհեցի, – կը պատասխանէ Աստուած։ Ֆրանսացիները կը խնդրեն, որ իրենց կիները ամէնէն վայելչագեղը ըլլան։ – Շնորհեցի, – կ’ըսէ Աստուած։ Գերմանացիները կը պահանջեն բոլորէն զօրաւոր ըլլալ։ – Շնորհեցի, – կ’ըլլայ պատասխանը դարձեալ։ Երբ հերթը կու գայ արեւելքցիներուն` անոնք լաւ կառավարութիւն մը կ’ուզեն։ – Ա՜հ, – կը գոչէ Աստուած, – ձեր ուզածը իմ ձեռքս չէ...։ Ուրեմն, արեւելքցիներուն համար` ընդհանրապէս այնքան բաղձալի եղած է լաւ կառավարիչ մը ունենալը։ Յարմարագոյն պահու մը` Եգիպտոսի ղեկավարութիւնը ստանձնելով, Մոհամմէտ Ալի կը յաջողի ընտրել իր գործակիցները, որոնց մէջ հայերը կը գրաւեն բացառիկ տեղ մը։ Եգիպտոսի հասարակական-տնտեսական կազմաւորումի շրջանին` Մոհամմէտ Ալիի կողմէ նշանակուած պետական ղեկավար հայերը մասնակից կ’ըլլան երկրին վերափոխիչ աշխատանքներուն։ Արիստոտէլի նկատողութենէն չէ վրիպած` որ մարդկութիւնը կառավարելու արուեստին վրայ մտածողները խելամտեցան, թէ ինքնակալութիւններու բախտը` մանուկներու դաստիարակութենէն կախում ունի։ Կարծէք այս կարծիքէն առաջնորդուած Մոհամմէտ Ալի Եւրոպա կը ղրկէ խումբ մը երիտասարդներ, որոնց մէջ հայեր ալ կը գտնուէին, գաղափարական պատրաստութիւն եւ քաղաքագիտական որակաւորում ստանալէ ետք, ղեկավար դիրքեր գրաւելու համար։ Եգիպտոսի պատմութեան մէջ` զարմանալիօրէն, կը հանդիպինք տասնեակ մը հայերու` որոնք ձեռնհասօրէն կառավարած են այս երկիրը։ Արաբական պատմագրութիւնը հետազօտող հայ արեւելագէտները` յայտնաբերած են Եգիպտոսի կառավարիչ կարգուած գրեթէ բոլոր ծագումով հայերու անունները։ Հետաքրքրական պիտի ըլլայ թուել անոնցմէ միայն գլխաւորները. այսպէս` Ապպասեան խալիֆաներու շրջանին իսկ, Թ. դարու առաջին կիսուն, կը յիշատակուի Եգիպտոսի առաջին հայ վեզիրը` Ալի Պին Եահեա Ապուլ Հասանը։ Ֆաթիմեաններու խալիֆայութեան ժամանակ, հարիւրամեակի մը ընթացքին, նոյն ընտանիքին պատկանող երկու-երեք կամ աւելի հայեր` դժուարին պայմաններու մէջ ստանձնած են այս երկրին վեզիրութեան պաշտօնը։
90
Եգիպտոսի մեծագոյն վեզիրներէն կը նկատուի բանակազօրքերու ընդհանուր հրամանատար Պատր Էլ Կամալին, որուն մասին Մաքրիզի պատմագիրը շահեկան վկայութիւն մը կու տայ, թէ ան «թագաւորներու իշխանութիւնը ունեցաւ, այնպէս որ էլ Մուսթանսըր խալիֆան անոր առջեւ հեղինակութիւն չունէր»։ Եգիպտոսը կառավարող հայերուն մէջ` մամլուքներու շրջանին նշանաւոր կը հանդիսանայ Շակարէթ Էլ Տորրը, որ կարգ մը պատմագէտներ երբեմն հայ կը նկատեն։ Նուպար փաշա եղած է վերջին հայը` որ գլխաւորած է այս երկրին նախարարներու խորհուրդը. սակայն` ան «Պատր էլ Կամալիի դասէն չէր», ինչպէս առիթով մը մատնանշեց եգիպտացի հրապարակագիր մը։ Ինչպէս հին դարերու հայ վեզիրներուն մասին` նոյնպէս ալ տուեալ ժամանակաշրջանի հայ նախարարներուն մասին, պատմագիրները յայտնած են իրենց անվերապահ գնահատանքը։ Էմիլ Օլիվիէ` որ եղած է ֆրանսական խորհրդարանի անդամ, Սուէզի Ջրանցքի բացումի աշխատանքներուն մասնակից, Նափոլէոն Գ.ի ազատական դահլիճին մէջ ալ ստանձնած է նախարարապետի պաշտօնը, Ֆրանսայի երկրորդ կայսրութեան պատմութեան մէջ` Եգիպտոսի հայ պաշտօնատարներու մասին հիացումով արտայայտուելով, կ’ըսէ` թէ Նուպար փաշա, Տիգրան փաշա տ’Ապրոյ եւ ասոնց նման ուրիշներ, որեւէ երկրի մէջ նշանաւոր նախարարներ պիտի ըլլային։ ***
Պատմութեան փիլիսոփան` Մովսէս Խորենացին մեզի կը սորվեցնէ, թէ` ինչ որ մարդը եւ իր գործերն են, այն ալ` իր պատմութիւնն է։ Նուպար փաշա նշանակալից երեւոյթներով կեանք մը վարած է` որպէս դիւանագէտ եւ որպէս քաղաքագէտ։ Կ’ըսուի` թէ ան գրած է իր «հանճարավար կեանքին պատմութիւնը». առ այժմ մեզի անծանօթ կը մնայ այդ թանկարժէք ձեռագիրներուն հրատարակուած ըլլալը։ Նուպար փաշա սերած է ղարաբաղցի հանրածանօթ գերդաստանէ մը. ծնած է Իզմիր, փոքր տարիքէն լաւ դաստիարակութիւն ստացած է Զուիցերիոյ մէջ։ Տասնեօթը տարեկանին Աղեքսանդրիա գալով` իր մօրեղբօր Պօղոս պէյ Եուսուֆի ղեկավարած առեւտրական եւ արտաքին գործերու դիւանին մէջ ստանձնած է քարտուղարի պաշտօն մը։ Ներգրաւուելով պետական այլ եւ այլ պաշտօններու մէջ, 1844էն մինչեւ 1895 թուականը, ամբողջ յիսնամեակի մը ընթացքին, Նուպար փաշա եղած է երկրորդ քարտուղար, Վիեննայի եւ Պերլինի մէջ Եգիպտոսի գործավար, առողջապահական վարչութեան պետ, երկաթուղիներու եւ վաճառանցի տնօրէն, առեւտուրի, հանրօգուտ շինութիւններու, արդարութեան, արտաքին գործերու նախարար եւ
91
երեք անգամ ալ նախարարներու խորհուրդի նախագահ, իր ծառայութիւնը մատուցանելով` Մոհամմէտ Ալիէն սկսելով, յաջորդական վեց փոխարքաներու կամ խտիւներու։ Օսմանեան կայսրութեան հպատակ եւ հարկատու երկիր մը ըլլալուն` Եգիպտոս չէր կրնար քաղաքականապէս բաժնուիլ անկէ, ինչպէս նաեւ չէր կրնար բացարձակ ազատ գործարքներ ունենալ։ Շնորհիւ Նուպար փաշայի վարչագիտական եւ դիւանագիտական ճարտար ձեռնարկներուն` Եգիպտոս կը բարգաւաճի, կը զօրանայ եւ հանուր աշխարհի առջեւ ալ` քաղաքական դիրքով կը բարձրանայ։ Իսմայիլ փաշա իշխանութեան գլուխ գալով` Թուրքիոյ նկատմամբ որդեգրուած բիրտ քաղաքականութիւնը կը փոխարինուի բանակցութիւններու արուեստով, որ ձեռնհասօրէն կը կատարէ Նուպար փաշա, եւ 1867 թ. կը յաջողի ձեռք բերել խտիւական տիտղոս շնորհող մեծ ֆիրմանը։ 1869 թ. Նոյեմբերի 17-ին` Սուէզի Ջրանցքին փառաշուք բացումը, Իսմայիլի գահակալութեան շրջանին տեղի ունեցած մեծագոյն երեւոյթն է։ Միջազգային այդ անցուղին առաւելաբար Եգիպտոսի շահերուն ծառայեցնելու համար` Նուպար փաշա ամէն ջանք ի գործ դրած է։ ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն, եւրոպական դրամատիրութեան արագ զարգացումը` ընկերային վերափոխութիւններու նոր հիմք կը հանդիսանայ։ Ձեռային աշխատանքին կը փոխարինէ` մեքենականացած արտադրութիւնը, ճարտարարուեստի զարգացումին կը նպաստէ քարիւղին օգտագործումը` փոխան ածուխի եւ փայտի, թեքնիք նորարարութիւնները կը վերափոխեն երկիրներու տնտեսութիւնը, մետաղագործութեան մէջ` պողպատին օգտագործումը կ’ընդարձակէ ճարտարարուեստի շրջանակները. այդ շրջանին է նաեւ, որ երկաթուղիի ցանցեր կը հաստատուին քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ։ Իր նախարարական պաշտօններու ընթացքին, Նուպար փաշա խթանուած Եւրոպայի տնտեսական եւ ճարտարարուեստական զարթօնքէն, այլ եւ այլ նորամուծութիւններ կը կատարէ Եգիպտոսի մէջ ալ։ Արդարութիւնը հիմն է ամէն պետութեան` սկզբունքային դրոյթը եղած է Նուպար փաշային։ Դատարանական բարեկարգութեան հարցը քննարկելով` ան ըսած է, թէ լաւ վարչութիւնը չէ` որ արդարութիւնը կը հաստատէ, այլ արդարութիւնն է` որ լաւ կառավարութեան կ’առաջնորդէ։ Նուպար փաշային համաշխարհային վարկ ապահովող նախաձեռնութիւն մըն է Խառն Դատարաններու հաստատումը։ Միջազգային իրաւաբանութեան մէջ աննախընթաց այդ ձեռնարկը` վերջ կը դնէր միջին դարերուն ստորագրուած գափիթիւլասիոններուն։ Այդ պայմանագրերը յատուկ արտօնութիւններ կու տային Թուրքիա ապրող եւ գործող եւրոպացի քաղաքացիներուն։ Ժամանակի ընթացքին` տեղական դատարաններուն առընթեր, Եգիպտոսի
92
մէջ գոյութիւն առած էին գափիթիւլասիոնի իրաւունքով գործող տասնեօթը հիւպատոսական դատարաններ։ Դատարանական իսկական քաոս մը առաջ պիտի գար, – ըսած է միջազգային իրաւաբան մը, – եթէ Նուպար փաշա հանճարեղ գաղափարը չունենար բոլոր անջատ դատարանները միաւորելու իրաւական կազմակերպութեան մը մէջ, որ պիտի գործէր խառն օրինագիրքով, խմբագրուած ֆրանսական իրաւունքի ցուցմունքներով։ Բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք, 1876 թ. Յունուարի 1-էն կը սկսին գործել Աղեքսանդրիոյ, Գահիրէի եւ Իսմայիլիայի Խառն Դատարանները։ Եգիպտական կառավարութեան մօտ իրաւական խորհրդական Սըր Մօրիս Շելտըն Ամոս յայտնած է թէ Խառն Դատարանները միջազգային այն կազմակերպութիւնն է, որ եկեղեցիէն ետք, ամենաշատ յաջողութիւնը արձանագրած է։ Դրամատիրութեան զարգացումի եւ յառաջացումի դարաշրջանին` անգլիական գաղթատիրութեան թիրախ կը դառնայ նաեւ Եգիպտոս։ Եւրոպական պետութիւններու գաղութարար քաղաքականութիւնը հեգնելով` յեղափոխական-դեմոկրատ Միքայէլ Նալբանդեան կ’ըսէ, թէ «Սոքա ամէնքը իբրեւ բռնի վարժապետ` քաղաքակրթութիւն են տարածում, եւ ոչ չի հարցնում աշակերտի կամքը` կամի՞ արդեօք ուսանել, թէ ոչ։ Սակայն չէ պիտոյ աչքից հեռացնել նոցա քաղաքակրթութեան տարբերութիւնը մեր հասկացած քաղաքակրթութիւնից։ Բանտերն են նոցա դպրոցները, պոլիցականք եւ ժանդարմը` դաստիարակները, շղթան` հրահանգիչ գիրքը, աքսորը` բարոյականութիւնը վերին աստիճանի կազդուրելու մարզարան, կախաղանը եւ գլխատութեան խայտառակ սիւնը` դուռն ճշմարիտ, որ տանի ի կեանս յաւիտենականս...»։ Ահա հեգնանքով ներկայացուած դառն իրականութեան պատկերը։ Հակառակ անգլիական գաղթատիրութեան ներքեւ գործելուն` Նուպար փաշա յաճախ առիթ ունեցած է կրկնելու, թէ անգլիացիներէն ոչ թէ թելադրութիւններ կ’ակնկալէ, այլ օժանդակութեան կը սպասէ։ Անգլիական ճնշումի հետեւանքով` 1884 թ. Յունվ. 4-ին, Նուպար փաշա կը հրահանգէ, որ եգիպտական ուժերը հեռանան սուտանական գրաւեալ հողերէն։ Այս պարագան` եգիպտացի կարգ մը պատմաբաններու խիստ քննադատութեան առիթ տուած է։ Պիզմարք ալ կ’ընդունի` որ քաղաքականութիւնը ճշգրիտ գիտութիւն չէ։ Ճիշտ նկատուած է` որ քաղաքականութիւնը արդիւնք է ըղձանքի եւ տեսողութեան, ինչպէս նաեւ յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան։ 1878 թ. Պերլինի դաշնագրով` պուլկարներուն իրաւունք տրուած է իրենց համար իշխան մը ընտրելու, պայմանով որ Բարձրագոյն Դուռը եւ մեծ տէրութիւնները իրենց հաւանութեամբ հաստատեն։ Թռնովայի մէջ գումարուած երեսփոխանական արտակարգ ժողովը` Սոպրանիէն կ’ընտրէ Պաթենպերկի քսաներկուամեայ Աղեքսանդր իշխանը։ Այդ
93
ընտրութենէն առաջ` Ֆրանսա եւ Անգլիա թեկնածու կ’առաջարկեն Եգիպտոսի նախարարապետ Նուպար փաշան, որուն դէմ առարկութիւն կ’ընէ Ռուսիա, պնդելով` թէ պուլկար գահուն վրայ հայ իշխան մը ազատ ասպարէզ պիտի տար հայուն ազատագրումի գործին, ինչ որ տակաւին կանխահաս կը նկատէր Հիւանդ Մարդուն հոգեվարքը երկարաձգելու իր աւանդական քաղաքականութեամբ։ Պերլինի Վեհաժողովին մասնակցող պատուիրակներէն մէկուն` Մինաս Չերազի ընդարձակ կենսագրութեան մէջ, Արշակ Ալպօյաճեան կ’ըսէ` թէ «հայ պատուիրակները գործին ու պարագային պահանջած մարդիկը չէին եւ չափազանց խակ էին հասկնալու համար դիւանագէտներու լեզուն եւ քաղաքական անցուդարձերը։ Նուպար փաշան, թերեւս միակ մարդն էր, որմէ կարելի էր օգտուիլ, սակայն չկրցան»։ Վերակազմելու համար պատմական ժամանակը` մենք պիտի վկայակոչենք ժամանակակիցներու յուշերը։ Երբ Սան Սթեֆանոյի դաշնագրին 16-րդ յօդուածը վերաքննելու համար` Ներսէս պատրիարք Վարժապետեան Պերլինի Վեհաժողովին կը դիմէ, հայկական խնդիրը կը ղեկավարէ Գրիգոր Օտեան։ Ան է, որ կը խմբագրէ պատուիրակութեան կողմէ վեհաժողովին մատուցուած յիշատակագիրն ու ծրագիրը։ «Խրիմեանի հետ Կոստանդնուպոլիսէն մեկնելու օրս, – կը պատմէ Չերազ, – երբ ներկայացայ Օտեանին ու իր վերջին հրահանգը խնդրեցի, պատասխանեց. Տանթոնի խօսքը կը յիշեցնեմ քեզի. Յանդգնութիւն, նորէն յանդգնութիւն եւ միշտ յանդգնութիւն։ Այս յանդգնութեամբ զինուած, – կը շարունակէ Չերազ, – գացինք ափ առնուլ Եւրոպայի դուռը. Հայաստանի հայերուն միայն գործիք ըլլալով եւ ոչ այս կամ այն պետութեան, ինչպէս երեւակայեցին կարճամիտներ կամ չարամիտներ»։ Պատուիրակութեան ուրիշ անդամի մը` հասարակական գործիչ եւ ազգային երեսփոխան Ստեփան Փափազեանի ամենօրեայ գրառումներէն կը քաղենք Յունիս 30-ին օրագրութիւնը. Աշխարհը Նուպարին վրայ հիմնուած է. զարմանալի բան։ Խրիմեան պատրիարք եղած ատեն` փոխանակ Քաղաքական Ժողովին հետ խորհրդակցելու, Նուրեանի տունը կ’երթար, այսինքն Քաղաքական Ժողովոյ հակառակ կուսակցութեան, եւ անոնց հետ կը խորհրդակցէր։ Հիմակ ալ պաշտօն մը ունի, պատգամաւոր է, փոխանակ այդ պաշտօնը տուողներուն հետ խորհրդակցելու եւ անոնց հետեւելու, կ’երթայ Նուպարին կը հետեւի, անոնց հակառակորդին։ Պատմական այս հանգոյցը քիչ մը աւելի թուլցնելու նպատակով` կը ներկայացնենք Հայոց վշտահար Հայրիկին Նուպար փաշային գրած նամակը։ ... [Յ]ուշ առնեմ Ձեզ, Վսեմ Տէր, որ 17 տարի յառաջ ի Փարիզ գտնուեցայ մեր թարգման պ. Չերազին հետ, եւ ես իբրեւ պատգամաւոր հայոց` Ներսէս Պատրիարքի կողմէն, մի
94
յիշատակագիր մատուցի Ձերդ Վսեմութեան, որ պարունակում էր հայկական մի նոր խնդիր եւ զոր պիտի մատուցանէի Պերլինի Վեհաժողովին։ ... Դուք ամենայն սիրով ընդունեցիք այս խնդիր եւ հաճեցայք զայն ուշադրութեան առնել։ Ուստի վերծանելով այդ Յիշատակագիրը, Դուք զայն անյարմար եւ չափազանց գտաք։ Ուստի մի այլ նոր Յիշատակագիր կազմեցիք, Ձեր իմաստուն հեռատեսութեամբ չափաւորելով եւ հնարաւոր դարձնելով խնդիրը։ Այդ նոր չափաւորեալ Յիշատակագիրը ես յղեցի ի Պոլիս` Ներսէս պատրիարքին։ Այլ աւաղ, թէ ինք եւ թէ իր մտերիմ խորհրդակիցներն` ամենայն յամառութեամբ պնդեցին, յիշատակագիրն անփոփոխ մնայ եւ այնպէս մատուցուի Վեհաժողովին։ Այս որոշման հեռագիրը ես ի Պերլին ստացայ, սաստիկ վիշտ զգացի առանձին քաշուելով լացի տղու նման, վասն զի քաջ նկատեցի բանին վախճանը։ ... Ես չեմ կարող մոռնալ այս դէպքը։ Եթէ Ձեր Վսեմութիւնը Պերլին գտնուէր եւ Ձեր յօրինած Յիշատակագիրը մատուցուէր Վեհաժողովին, ես այնպէս կը հաւատամ, որ 61-րդ յօդուածը այնպէս թոյլ, անորոշ կերպով չէր արձանագրուեր, այլ աւելի զօրաւոր, վճռական ու գործնական։ Նուպար փաշա` Փարիզի մէջ Մինաս Չերազէն խնդրուած տեսակցութիւնը մերժելէ ետք, յեղափոխական Աղասիի պատմած է հետեւեալը. 1878 թ. Փարիզ կը գտնուէի։ Ներսէս պատրիարքին ուղարկած չորս պատուիրակները եկած էին զիս տեսնելու, խորհուրդ եւ նպաստ խնդրելու համար։ Ես իրենց թելադրեցի` որ պատուիրակութիւնը ինծի յանձնէին եւ ես բոլոր ծախքերը եւ աւելին իսկ ընելու յանձնառու կ’ըլլայի։ ... Թողուցէք ինձ, որ ջանամ ընդունիլ տալ եւ կիրարկել իմ վարչական համեստ ծրագիրս։ Անգլիական պատուիրակներ` Լորտ Պիքընսֆիլտ եւ Սալըզպըրի, Պիզմարք եւ նոյն իսկ ռուսական պատուիրակները բարեկամներս են։ Գործ ունեցած եմ անոնց հետ, լաւ կը ճանչնան զիս ու կը սիրեն, եւ ես կրնամ ընդունիլ տալ իմ չափաւոր ծրագիրս` Հայաստանի վեց նահանգներուն մէջ Դատարանական Բարեկարգութիւն. այսինքն դատաստանական հաւասարութիւն հայերուն եւ իսլամներուն միջեւ։ Ես իսկ յանձնառու կ’ըլլամ ներմուծել այդ բարեկարգութիւնները։ Ասիկա բոլոր մեր պահանջներուն գոհացում կու տայ...։ Հայ պատուիրակները համոզուեցան, հաճեցան եւ մեկնեցան Պերլին, ուրկէ պիտի հեռագրէին անյապաղ` որ ես ալ ճամբայ ելլէի։ Սպասեցի հինգ օր, ութ օր։ Երկու շաբաթ վերջ նամակ մը ստացայ փոխանակ հեռագրի։ Ստորագրողն էր Մինաս Չերազ, քարտուղար հայ պատուիրակութեան։ Պարունակութիւնը լակոնական էր եւ այս. – Ազգը չի ճանչնար ձեզ իրեն ներկայացուցիչ եւ մենք ենք անոր պատուիրակները Պերլինի Վեհաժողովին։ Տղաս, սառած ջուր թափեցաւ վրաս... կը հառաչէ Փաշան։ Նուպար փաշա` Փարիզի Պուասիէռ փողոցին վրայ գնած էր տուն մը, ուր կ’անցընէր իր վաստակաշատ կեանքին վերջին օրերը։
95
Այդ օրերու հասարակական եռանդուն երիտասարդ գործիչը` Արշակ Չօպանեան կը պատմէ, թէ «պետական մեծանուն անձնաւորութիւնը հոն կ’ընդունէր Հայաստանէն եւ Եգիպտոսէն եկող բոլոր մարդիկը։ Իր տունը` զոր հայ տուն կոչելու մեծ հաճոյք կը զգար, այդ օրերուն հայկական կեդրոնավայր մը դարձեր էր։ Փարիզէն անցնող ամէն հայ` որ տիտղոս մը կամ նշանակութիւն մը ունենար, կ’երթար տեսնելու Նուպարը` որ մեծ ծերունին եղած էր։ Տեսակ մը աշխարհական կաթողիկոս դարձած էր. այդ դերը կը կատարէր վեհութեամբ, պարզութեամբ եւ մեծ քաղցրութեամբ»։ Իր հասցէին յաճախ եղած պարսաւներուն` Նուպար փաշա սովորաբար պատասխանած է. Ես` կեանքս նուիրեցի Եգիպտոսի, որովհետեւ բախտը իմ առաջքս այդ գործը հանեց. հրապուրուեցայ անկէ եւ կապուեցայ։ Բայց օտար երկրի մէջ այդ գործունէութիւնս` երբեք ինծի չմոռցուց, որ հայ մըն եմ, երկու-երեք բան ըրած եմ ցեղիս համար։ Սակայն կը կարծեմ` թէ անոնք ամէնէն կարեւոր բաներն են, որ կրնայի ընել. Հասգիւղի Շահնազարեան վարժարանին հաստատմանը օգնեցի նիւթապէս։ Վիքթոր Լանկլուային 25,000 Ֆրանք տուի` որպէսզի հայոց պատմութիւնը ֆրանսերէնի թարգմանէ եւ Ֆրանսայի ճանչցնէ հայոց անցեալը, եւ Պերլինի Վեհաժողովին ատեն ծրագիր մը պատրաստեցի հայկական գաւառներուն համար եւ առաջարկեցի, որ ես ներկայացնեմ զայն Վեհաժողովին։ Երեք գործ` ամբողջական ուղեգիծի մը համարժէք։ Բժշկական երկարատեւ խնամքներէ ետք` 1899 թ. Յունուարի 14-ին, Նուպար փաշա կը մահանայ, եւ իր ցանկութեամբ` մարմինը կը փոխադրուի Աղեքսանդրիա։ Անգլիական Տէյլի Կրաֆիք թերթը` Փետրուար 21-ի համարով կը նկարագրէ թաղմանական հանդիսութիւնը. Նուպար Փաշայի մարմինը Աղեքսանդրիոյ կառավարչատունը մնալէ վերջ, կը թաղուի հայոց եկեղեցիին գերեզմաննոցը, Փետրուարի 8-ին։ Խառն դատարաններէ կազմուած թափօրը ընծայած է շատ պատկառելի տեսարան մը. առջեւէն գացած են նուագախումբը, Պօղոսեան վարժարանի սաները, հայ, օրթոտոքս եւ ղպտի եկեղեցականներու խումբ մը։ Դագաղակիր կառքին հետեւած են` Լորտ Գրոմըր, Փաշային բազմաթիւ ազգականները, գնդապետ Լէյն, Ընդհանուր հիւպատոսը եւ բարձրաստիճան այլ եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Գերեզմաննոց տանոց ճամբուն վրայ` ուր երկու կողմերը զինուորներու եւ ոստիկաններու շարքեր կեցած են եւ դրօշներ ծածանած են, լեցուած է հոծ եւ համակիր ամբոխ մը։ Աղեքսանդրիոյ հրապարակներէն մէկուն մէջ` 1904 թ. կանգնեցուած գեղակերտ արձանին բացումին առիթով, յանձնախումբին նախագահին պերճախօս ուղերձը` Նուպար փաշայի ամբողջական մեծութիւնը կը պարփակէ իր մէջ.
96
Նուպար փաշայի բազմաթիւ հիացողները, Եգիպտոսի ու նաեւ Եւրոպայի իր բարեկամները խորհած են` թէ այս երկրին մէջ անոր կատարած դերը եւ մատուցած մեծամեծ ծառայութիւնները պէտք է անմոռաց մնային իր յիշատակին կանգնուած արձանով մը։ *** Կ’ապրին անոնք` որոնք կը պայքարին, անոնք` որոնց հոգին ու ճակատը լի է խորհուրդով անյողդողդ, անոնք` որոնք ճակատագրէն սահմանուած կը նուաճեն բարձունքը առապար, անոնք` որոնք կը քալեն խոհուն, գերուած նպատակէ մը բարձրագոյն, իրենց աչքին առջեւ ունենալով տիւ եւ գիշեր կամ գործ մը սուրբ, կամ սէր մը մեծ։ Վիքթոր Հիւկոյի քերթողական տողերը կարծէք թէ Նուպար փաշայի նկարագիրն է, որ քանդակեն։ Արփիար Արփիարեան` ազգային մեծութիւններով խանդավառ, տեղ մը հպարտութեամբ կը բացագանչէ. Արդեօք այս բոլոր տաղանդաւոր եւ պատուաճանաչ հայերը տեսնելով չէ՞ր` որ Նափոլէոն Գ. կայսրը, իր փառքին ամենապայծառ օրերուն, հայ ցեղին համար կը յայտարարէր` թէ Ասիոյ խորը ժողովուրդ մը կայ, որ մեծ ապագայ կը խոստանայ։ Ահաւասիկ կայսերական մարգարէութիւն մը` որ աւելի քան կէս դարէ ի վեր իրականութիւն դարձած է մեր պապենական հողերէն մէկ մասին վրայ, ուր ապագայ խոստացող ժողովուրդը` նորանոր խոյանքներով կը կերտէ իր ներկան եւ կը նուաճէ դժուար հասանելի բարձունքներ։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 29 Մարտ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.364 30 Մարտ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.365 31 Մարտ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.366 1 Ապրիլ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.367 2 Ապրիլ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.368 3 Ապրիլ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.369 5 Ապրիլ 1976, Կ. տարի, թիւ 17.370
97
ԺԸ. ԴԱՐՈՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԸ` ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ
ԾՆՆԴԵԱՆ Գ. ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Կեանք մ’անհուն` շողի, բոյրի, աղօթքի ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ Ø»ñ ³ß˳ï³ÏÇóÁ` îÇ·ñ³Ý ¶¿áñ·»³Ý ³Ûë µ³Ý³ËûëáõÃÇõÝÁ ϳï³ñ»ó 27 سÛÇë 1976-ÇÝ ¶³ÑÇñ¿Ç Ð³Û ¶»Õ³ñáõ»ëï³ëÇñ³ó ØÇáõû³Ý ¿ù¿»³Ý ѳݹÇë³ëñ³ÑÇÝ Ù¿ç« ÇëÏ ²Õ»ùë³Ý¹ñÇáÛ îÇ·ñ³Ý ºñϳà Øß³ÏáõóÛÇÝ ØÇáõû³Ý îÇ·ñ³Ý ²É»ùë³Ý»³Ý ѳݹÇë³ëñ³ÑÇÝ Ù¿ç` 12 ÚáõÝÇë 1976-ÇÝ« ØËÇóñ 껵³ëï³óÇÇ ÍÝݹ»³Ý 300³Ù»³ÏÇÝ ÝáõÇñáõ³Í ѳݹÇëáõû³Ýó£ ÊØ´²¶ðàôÂÆôÜ ²ðºôÆ Բովանդակ հայութեան հետ` մարդկութեան ընդհանուր մշակոյթի պահպանումին համար մտահոգուող հատուածն ալ, անցնող տարուան վերջին օրերուն` խորապէս ցնցուեցաւ իմանալով Սուրբ Ղազարու կղզեակին մէջ պատահած չարաղէտ դէպքին կցկտուր մանրամասնութիւնները. հայ մշակոյթի նիւթական եւ հոգեւոր անփոխարինելի գանձեր` դարերու կնիքով կրկնակի նուիրականացած, մոխրակոյտի վերածուած էին, ... դեռ հազիւ դարմանուած նախորդ տասնամեակին պատահած` Ադրիականի անսանձ ալիքներուն պատճառած վնասները...։ Ճակատագրի հեգնա՞նք է արդեօք, երբ ականաւոր հայ գրող մը անցեալ դարավերջին հոն այցելելով, Սուրբ Ղազարի արտաքին հրապոյրէն ազդուած, խորհած է. Թւում է` թէ Ադրիական ծովն ամենից աւելի այս կղզին է գուրգուրում...։ Կարելի է ենթադրել, որ Մայրավանքին աւերակ տաճարէն գոհաբանական երգեր պիտի չլսուին առժամաբար։ Հաւանաբար, Մխիթարեան վարդապետները` որպէս Սուրբ Կոյսին որդեգիրները, շարունակեն նոյն ջերմ եռանդով ծունր դնել այնտեղ, սակայն առանց կոծի եւ միայն ողբաձեւ հծծեն միաբանութեան երանաշնորհ հիմնադրին` Մխիթար Աբբահօր յօրինած, նեղութեան օրերու
98
յատուկ Աղաչեմք զքեզ Աստուածածին, որ ես տաճար անեղ Բանին տաղը։ Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Գերապատիւ Հայր Սուրբ, Գերյարգելի Հայրեր, Յարգելի ներկաներ,
Ձեր թոյլտուութեամբ` պահիկ մը մենք ալ խոնարհաբար ձայնակցինք Մխիթարեան մեծարգոյ հայրերուն աղաչանքին, միաժամանակ բաղձալով որ այսօրուան փլատակներուն տեղ վերակառուցուող մայրավանքը` համապատասխանէ մերօրեայ պահանջներուն, որպէսզի դարձեալ անշեղօրէն շարունակուի` 275 տարիներու փորձով ամրապնդուած, Մխիթարեաններու մշակութային առաքելութիւնը։ Հետաքրքրական` բայց ոչ ուրախալի իրադարձութիւններով ուշագրաւ է, մեր ժողովուրդի պատմութեան ԺԷ. դարու վերջին քառորդէն մինչեւ ԺԸ. դարու առաջին կէսը երկարաձգուող ժամանակահատուածը։ Հաճելի պիտի ըլլար` պատմական տուեալներու ճոխութենէն օգտուելով, ընդհանուր համայնապատկերի մը վրայ ներկայացնել` կրօնական-մշակութային միջավայրի մէջ նշանաւոր հանդիսացած բոլոր դէմքերուն ստուերները, որոնցմէ ամէնէն ցայտունը, այդ ժամանակաշրջանին համար իրապէս առաջաւոր մտածող դէմքը` Մխիթար Սեբաստացին բարձրաքանդակ ներկայացնել, դրուագելով անոր ձեռնարկած գրական-լուսաւորական եզակի շարժումը` իր զարգացումի ուղիներով եւ հանգրուաններով։ Սակայն, մշակութային արժէքները վերագնահատելու այս փորձը` պիտի սահմանափակենք միայն կարեւորագոյն երեւոյթներու մատնանշումով։ Մխիթարեանները սկիզբէն իսկ համակրութիւն գտան մեր ազգին մէջ, – կը հաստատէ պատմաբան Լէօ, – եւ այդ միաբանութեան կատարած դերը հայոց պատմութեան մէջ անհունապէս մեծ է։ Մօտաւորապէս այսպիսի հիացական երախտագիտութեամբ արտայայտուած են բոլոր անոնք, որոնք հայ մշակոյթի պատմութեան որեւէ մարզ ուսումնասիրելով, դէմ յանդիման գտնուած են Մխիթար Սեբաստացիի կամ անոր յաջորդներուն կատարած աշխատանքին, որով անգնահատելի ծառայութիւն մատուցած են հայ ազգին։ Թէեւ պատմութեան ընթացքը այլ կերպով ըմբռնող քննադատներու ուրիշ խումբ մըն ալ` այդ դարաւոր եւ վաստակաւոր միաբանութեան նկատմամբ ցուցաբերած է շեշտուած հակակրութիւն մը կամ քօղարկուած վերապահութիւն մը. կարծէք այդպէս մտածողներուն համար է, որ ծանօթ հրապարակագիր մը անվերապահօրէն ըսած է` թէ Մխիթարեաններու գործը հրաշքի պէս բան մըն է,
99
ինչ վարագոյր ալ ձգենք մեր աչքերուն եւ մտքերուն առջեւ։ ***
Հայ ժողովուրդի մտաւոր մշակոյթի զարգացումը հետազօտող հեղինակներու հաստատումով` ԺԸ. դարը նախորդող դարերուն, հայկական վանքերն ու վանականութիւնը մատնուած էին անշուք վիճակի մը, հայրենի աշխարհին մէջ գոյութիւն առած յաճախակի համաճարակներուն, շարունակական սովերուն եւ մասնաւորաբար, արամեան ցեղին մնացորդները մաշելու եւ մարելու նպատակով` թուրքմէն ցեղախումբերու, պարսկական եւ օսմանեան դժպետութիւններու արիւնալի եւ աւերասփիւռ անվերջանալի արշաւանքներուն պատճառով, որոնց նմանը ոչ մէկ հողածին կրնայ տեսած ըլլալ։ Առաքել Դաւրիժեցի` ԺԷ. դարու պատմագիրը, ԺԵ. եւ ԺԶ. դարերու իմացական կեանքի անկումը պատկերելով` յուզումնախառն կ’ըսէ, թէ գիրք կարդացող չկար եւ թէ գիրքերը թաղուած կը մնային հողի կամ մոխիրի տակ։ Շահ Աբբասի արշաւանքէն ետք, բազմահազար հայերու բռնագաղթով համատարած կը դառնայ աւերածութիւնը, եւ այդ պատճառով` թանձր տգիտութիւնը։ Երբ Արեւելքի երկու հզօր պետութիւններուն միջեւ մրցակցութիւնը կը դադրի, Հայաստանի մէջ կը ստեղծուին քաղաքական եւ տնտեսական աւելի նպաստաւոր պայմաններ։ ԺԷ. դարը մշակութային վերելքի նոր շրջան մը կը սկզբնաւորէ. մերթ ընդ մերթ ասպարէզ կու գան ուսումնատենչ եւ լուսամիտ դէմքեր, որոնք դարձեալ կը զբաղին հուրէ կամ թալանէ փրկուած հայերէն ձեռագիր մատեաններու ուսումնասիրութեամբ, կը փորձեն վերականգնել հին դարերու հայ վանականութեան փառքը` հիմը դնելով Սիւնեաց Մեծ Անապատի կամ Հարանց Անապատի, Էջմիածնի, Բաղէշի Ամրտոլի, Լիմի եւ Նոր Ջուղայի նման վանական հռչակաւոր դպրոցներու` ուր ձեռնարկուած բեղուն գործունէութեամբ` քանի մը արժանաւոր վանականներ կրնան դասուիլ հայ մշակոյթի երախտաւորներուն շարքը։ ԺԸ. դարու սեմին` ազգային վերածնութեան գործը ձեռք առած են հայ ժողովուրդի ծոցէն ելած երկու հոյակապ անձնաւորութիւններ, որոնցմէ առաջինը` Իսրայէլ Օրին, Ղարաբաղի ազատատենչ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, ծնունդ տուած է հայաշխարհի ազատագրական գաղափարին։ Ղարաբաղ` Դաւիթ Բէկի գլխաւորութեամբ, հերոսական պայքարներով հիմը դրած է անկախ իշխանութեան մը։ Այդ հոյակապ անձերէն երկրորդը` Մխիթար Աբբան, Սեբաստիայէն Պոլիս եւ ապա Եւրոպա անցնելով, Վենետիկի լճակին Սուրբ Ղազար կղզեակին վրայ, նոր կեանք տուած է անցեալի հայ միտքին եւ Ե. դարու գրական լեզուին։ Մխիթար Սեբաստացիի եւ իր աշակերտներուն տքնութեամբ` Սուրբ Ղազար
100
կը դառնայ հայ հին գրականութեան ասպնջարանը, եւ հոն է` որ կը բողբոջի հայ նոր գրականութիւնը։ ***
Մխիթար Րաբունապետին կեանքին մանրամասնութիւնները` հաւաստի ստուգութեամբ, առաջին անգամ ի գիր արձանացուցած է իր նախապատիւ աշակերտներէն` Հ. Մատթէոս Եւդոկիացին։ Աբբահօր խորհրդական եւ միաբանութեան քարտուղար Հ. Մատթէոս Եւդոկիացիի վարքէն օգտուելով, յետագային պատրաստուած են քանի մը ընդարձակ եւ համառօտ կենսագրութիւններ, որոնցմէ մէկը կամ միւսը` վստահաբար կարդալու առիթը ունցած է ամէն բանիմաց հայ։ Իմաստուն, առաքինի եւ քաղցրաբարոյ նկարագրով գերապատիւ րաբունապետը աշխարհ եկած է 300 տարի առաջ, Փետրուարի 7-ին, Փոքր Ասիոյ մայրաքաղաք Սեբաստիոյ Հողդար թաղամասը բնակող հանդերձարար Պետրոսի եւ Շահրիստանի համեստ` այլ բարեպաշտ ընտանիքին մէջ, եւ իր մեծ հօր անունով մկրտուած է Մանուկ։ Հայաշխարհի ժողովուրդին բարքերուն լաւատեղեակ մարդիկ կը հաւաստեն, թէ չափազանց կրօնասիրութիւնը եղած է Սեբաստիոյ հայերուն յատկանիշը։ Ճգնասէր հոգիներ` առանձնանալով ճգնարաններու, անապատներու կամ վանքերու մէջ, Աստուծոյ սիրոյն համար, կամաւորապէս իրենց անձը ենթարկած են մարմնական ամէն տեսակի զրկանքներու։ Կարելի չէ զարմանալ` որ կրօնամոլութիւնը համարուած է մեծագոյն առաքինութիւնը։ Անշուշտ այդ ընդհանուր հոգեվիճակն է, որ ներգործած է փոքրիկն Մանուկի վրայ։ Մանկութեան եւ պատանեկութեան առաջին տարիները` նախ քահանայի մը, ապա ճգնասուն երկու քոյրերու մօտ դաստիարակուելէ ետք, Մանուկ մտած է Սեբաստիայէն կէս ժամ հեռու` դէպի հիւսիս արեւելք, վայելչատիպ եւ մեծահռչակ մենաստանը, որ կառուցուած է յանուն արփիափայլ Սրբոյ Նշանի Տեառն, Արծրունիներու Սենեքերիմ բարեպաշտ արքայէն։ Դեռ տասնհինգամեայ պատանի` արքայակառոյց մեծ եկեղեցիին մէջ, Մանուկ կը ստանայ սարկաւագութեան աստիճան, եւ իր պապին անունով` կը վերակոչուի Մխիթար։ Ժամանակաշրջանին յատուկ երեւոյթ էր ուսման համար տուայտիլը։ ԺԸ. դարու ինքնուս գիտնական Աւետիք Տիգրանակերտցին, իր յուշերուն մէջ կը պատմէ` թէ դեգերեալ մաշէի ի դրունս ուսուցիչ իմաստասիրաց..., շատ նախատինք լսէի որովայնամոլ եւ արբշիռ ուսումնատեաց եկեղեցականաց...։ Թաքուն մնացած գիտութեան գաղտնիքներուն հետամուտ` միտքով պայծառ պատանի Մխիթարն ալ կը դեգերի վանքէ վանք, կ’ապրի լուսապայծառ Էջմիածնի աստւածարեալ օրհնութեան յարկին տակ, Սեւանայ վանքին մէջ` ներանձնացած
101
պահու մը իրեն կը յայտնուի Տիրամայրը, որ կը խրախուսէ զինք զօրանալ եւ քաջ ըլլալ որովհետեւ բոլոր վիշտերուն եւ նեղութեան ժամանակ միշտ օգնական պիտի ըլլայ իրեն։ Որոնումներու մէջ էր Մխիթար. առ ոտս վարդապետի մը ուսանելու տենչով` կը հանդիպի Բասենի վանքը, որուն վանահայրը համակրանքով կ’ընդունի զինք, եւ իրեն տարեկից պատանիներու խումբ մը յանձնելով, կը խնդրէ` որ անոնց ուսման հոգը ստանձնէ։ Տարի մը ետք կը վերադառնայ հրաշափառ Սուրբ Նշան վանքը` ուսուցիչի եւ քարոզիչի պաշտօններով։ Հռոմի համբաւէն հմայուած` կ’ուղեւորի նախ Հալէպ, ապա Կիպրոս։ Հինգ տարուան շրջագայութիւններէ ետք, իր ծննդավայրը վերադարձին` երրորդ անգամ կը մտնէ չքնաղատիպ Սուրբ Նշան վանքը, ուր քահանայ կը ձեռնադրուի իր տիրացած վարկին շնորհիւ։ Մխիթար վարդապետ Պոլիս կ’անցնի դաւանական հակամարտութիւններու ամէնէն եռուն շրջանին։ Տակաւին ԺԷ. դարուն, հայ հաւատացեալները ուղղափառ կամ այլափառ, ինչպէս սովորաբար կ’անուանեն այդ շրջանի կրօնական հոսանքները, նոյն եկեղեցին յաճախելուն եւ նոյն հոգեւոր պետերուն իշխանութեան ներքեւ գտնուելուն, ինչպէս նաեւ այդ եկեղեցական ղեկավարներուն ընդգրկած տարբեր ուղղութիւններուն պատճառով, Հռոմի եկեղեցիին կողմէ Արեւելք ուղարկուած Կղեմէս Կալանոս չէ կրցած ճշգրիտ կերպով ճշտել հայ եկեղեցիին հետեւած ուղին։ Հայ եկեղեցական եւ միաժամանակ հայ հասարակական կեանքին մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը` ԺԷ. դարու առաջին տասնամեակներէն սկսելով, մինչեւ նոյն դարուն վերջը, երբեմն ղեկավարած են հռոմէական եկեղեցիին հաւատակից հայ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Այսպէս` յաջորդաբար կամ ընդմիջումներով, գահակալած են եօթը պատրիարքներ (Յովհաննէս Խուլը, Զաքարիա Վանեցին, Կիրակոս Երեւանցին, Խաչատուր Սեբաստացին, Թովմաս Բերիացին` որ յաջողած է ժամանակ մը նոյնիսկ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը իր իրաւասութեան ենթարկել, Մելքիսեթեկ Սուպհին եւ Մխիթար Կորդուացին), որոնց ընդգրկած դաւանական ուղղութիւնը հաստատուած է պատմական վկայութիւններով։ Պոլսոյ մէջ` դաւանական իրերամերժութիւնը հասած էր ծայրայեղ աստիճանի։ Ծիսական փոփոխութիւններ կատարելու եւ անկախ համայնք մը կազմելու փորձերը յաջողութիւն չէին գտած։ Եւրոպացիներու հետ յարաբերութեան մէջ գտնուելով` կաթողիկէ հայերը կ’ամբաստանուէին որպէս ֆրանկ եւ կը նկատւէին պետութեան թշնամի հպատակներ, յաճախ անոնց նկատմամբ ձեռք կը ձգուէին բանտի, աքսորի կամ թիապարտութեան վճիռներ։ Դիւանական տուեալներու համաձայն` դաւանական անպատմելի հալածանքներ տեղի ունեցած են հայաբնակ այլ քաղաքներու մէջ ալ, մանաւանդ էնկիւրիի, Հալէպի, Կարինի, Թոքաթի, Սեբաստիոյ, Մերտինի, Վրաստանի եւ Խրիմի մէջ։ Հալածանքի եւ
102
ներումի Ֆերմաններ ձեռք բերելու համար մեծ գումարներ կը վատնուէին։ Հալածանքներու ժամանակ` մահէն սարսափելով, եղած են ուրացումներ. իսկ նահատակութիւններէն` յիշատակելի են 1707 թ. Երանելի Տէր Կոմիտասինը, 1708 թ. Միքայէլ Սեբաստացիինը եւ 1716 թ. Մելքոն արք. Թազպազեանինը։ Կաթողիկէ հայերը կ’ապաւինէին քրիստոնեայ դեսպաններուն պաշտպանութեան, մասնաւորապէս Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ, որոնք իրենց հովանաւորութիւնը տարածած էին Արեւելքի քրիստոնեաներուն վրայ։ Այդ շրջանին ծաւալած տեսական եւ գործնական պայքարը` այսօր կը գնահատեն որպէս ազգային ինքնուրոյնութեան համար մղուած պայքարի ձեւերէն մէկը։ Թէոդիկ` այդ օրերուն համար, Մխիթար վարդապետը կը նկատէ պառակտեալ հայութեան գերագոյն մխիթարութիւնը։ Պոլսոյ մէջ` Մխիթար Սեբաստացի կը հանդիպի Հաւատքի Տարածման Ս. Ժողովէն ղրկուած Խաչատուր Վրդ. Էրզրումցիին, որուն կ’առաջարկէ ստանձնել նոր կազմուելիք միաբանութեան մը ղեկավարութիւնը։ Խաչատուր Վրդ. նիւթական դժուարութիւններ առարկելով կը հրաժարի այդ առաջարկէն, սակայն` հոգեւին կը կապուի այդ երիտասարդ հոգեւորականին, որուն եռանդը գնահատելով` տասնհինգ օրուան ընթացքին կ’ուսուցանէ գրաբարի քերականական կանոնները, ապա լատիներէն եւ իտալերէն լեզուները։ Խաչատուր Վրդ. դարուն գիտուն եկեղեցականներէն ըլլալուն` Մխիթար հասնելու եւ անցնելու ձգումով, լրիւ տեղեկութիւններ քաղած է ըլլայ իմաստասիրութեան թէ աստուածաբանութեան կամ զանազան գիտութիւններու մասին։ Յետագային` Խաչատուր Վրդ. հպարտութեամբ յայտնած է, թէ այդ դասերուն շնորհիւ` Մխիթար հմտալից ծանօթագրութիւններով օժտած է Մեծն Ալպերթի աստուածաբանութիւնը։ Այլեւս անյետաձգելի նկատելով միաբանութեան մը կազմութիւնը` Մխիթար Սեբաստացի իր աշակերտներուն հաւանութեամբ, անմիջապէս գործնական կարգադրութեան կը յանգի։ Այսօր այլեւս գիտական հիմնաւորում ստացած է այն տեսակէտը` թէ հայ գրականութեան վերածնութեան նոր շրջանի սկիզբը պէտք է ընդունիլ ԺԸ. դարու երկրորդ կէսէն սկսող ժամանակահատուածը. սակայն անցեալին, պատմաբանները հայ գրականութեան վերածնունդի սկզբնաւորութիւնը կապած են Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան, 1701 թ. Սեպտեմբերի 8-ին։ Միայն Յունաստանի Մեթոն ծովահայեաց բերդաքաղաքին մէջ է, որ Մխիթար Սեբաստացի կը յաջողի հիմնել վանք եւ կազմակերպել միաբանական կեանքը, շնորհիւ երկրին իշխանութիւններուն կողմէ սիրայօժար նուիրուած հողամասերու եւ եկամտաբեր գիւղերու։ Շինարարական աշխատանքները դեռ չէին աւարտած` երբ օսմանցիները կը ներխուժեն, եւ Մխիթար իր աշակերտներով միասին կը հարկադրուի փախուստի դիմել։ Հայկական վեստայի պաշտամունքին նուիրուած կամաւորներու բանակը`
103
այլուր հնարաւորութիւն չգտնելով հայ մշակոյթը զարգացնելու համար, Մխիթար Սեբաստացիի գլխաւորութեամբ, հալածական եւ վարատական կեանք մը վարելէ ետք, 1717 թ. Սեպտեմբերի 8-ին, Վենետիկի Հասարակապետութեան կարգադրութեամբ, հաստատուած է Սուրբ Ղազար կղզին, ուր տասնամեակներու ընթացքին վանք, եկեղեցի, դպրոց, թանգարան եւ տպարան կառուցելէ ետք, դարձած է Հրաչեայ Աճառեանի հաստատումով` հայոց ամենաբարձր ուսումնական հիմնարկութիւնը եւ պարծանքը ամբողջ հայութեան։ Աճառեան` Սուրբ Ղազարը բաղդատութեան դնելով նախորդ դարերու գրական-կրթական կեդրոններուն հետ, անաչառօրէն կ’ըսէ, թէ Բաղէշի, Տաթեւի, Էջմիածնի եւ Նոր Ջուղայի դպրոցները տեւական չէին եղած. անոնք շատ կարճ կեանք մը ունեցած էին եւ ժամանակ մը փայլելէ ետք` հանգած էին։ Մխիթար Սեբաստացի այնպիսի հիմերու վրայ կը դնէ իր միաբանութիւնը, որ օրէ օր կը զարգանայ եւ իբրեւ լուսաւոր աստղ մը` երկար ժամանակ կը փայլի հայկական կիսախաւար հորիզոնին վրայ։ Նոյն ժամանակաշրջանի հայ վանականութեան պատկերը վերակազմելով, պատմաբան Լէօ կ’ամբողջացնէ Աճառեանի դատումը եւ կը վկայէ, թէ ԺԸ. դարու սկիզբը հայ լուսաւորչական վարդապետները գրական աղքատ գործունէութիւն ցոյց կու տան, եւ այս երեւոյթը կախում ունէր այն հանգամանքէն` որ զարգացումը այդ ժամանակ շատ թոյլ էր առհասարակ։ Հայ վարդապետները ոչ միայն շատ բան չէին գիտեր, որ ընթերցողներուն տան, այլ ամէն տեղ միատեսակ հմտութիւն ցոյց չէին տար հայերէն լեզուի գիտութեան մէջ։ Այդ խումբին վանականներու հակադրելով` Լէօ հիասքանչ կը շարունակէ. կաթողիկէ վանականութիւնը, ի՛նչ կ’ուզէք ըսէք, աւելի շատ զարգացած էր, քան հայ լուսաւորչական վանականութիւնը, եւ ասիկա ամէնէն առաջ այն պատճառով որ ան լեզուներ գիտէր, անոր առջեւ բացուած էր շատ հարուստ գրականութիւն եւրոպական զանազան լեզուներով, հետեւաբար հայերուն մէջ կրնար բարձր գիտութիւն մտցնել։ Եւ իրապէս, ԺԸ. դարու սկիզբէն կաթողիկէ հայ վանականութիւնը, գլխաւորաբար թարգմանութիւններու, մասամբ նաեւ ինքնուրոյն մշակումներու միջոցով կ’աշխատի հայացնել իր սորված գիտութիւնը` որ աշխարհայեցողութիւններ կը պարզաբանէր, ըմբռնումներ եւ հայեցակէտեր կը դարբնէր։ Նոյն դարուն սկիզբը կը հրատարակուի իմացական վերածնութեան շարժումը խթանող երկ մը` Խաչատուր Վրդ. Էրզրումցիի հեղինակած համառօտ իմաստասիրութիւնը, ուր հանրագիտական տեղեկութիւններով բացատրուած է այդ շրջանի գիտութեան եւ իմաստասիրութեան զանազան ճիւղերը, ինչպէս նաեւ գրականութեան եւ արուեստի տեսութիւնները։ Հայ գրականագիտական եւ քննադատական միտքի ամենահին արտայայտութիւններէն մէկը համարուող այս հետաքրքրական աշխատութիւնը մշակութային հին արժէքները իմաստաւորող եւ ժողովուրդին լայն խաւերուն մէջ լուսաւորութիւն տարածելու ձգտող
104
սերունդին համար, օգտակար ձեռնարկ մը կը հանդիսանայ այդ օրերուն։ Զարգացած վանականութեան աննկուն առաջնորդն էր Մխիթար Սեբաստացին։ Արշակ Չօպանեան` հայ տաղանդը գնահատելու իւրայատուկ նախանձախնդրութեամբ, այսպիսի տողերով կը յաջողի քանդակել անոր եզական նկարագիրը. Կեանքը զոր վարեց Մխիթար, նկարագրի ոյժը զոր ցոյց տուաւ իր նպատակին հասնելու համար, այնքան մեծ են ու գեղեցիկ` որքան գործը, որ իրմէ հիմնուած, ի կատար հանուեցաւ իր հանճարեղ յաջորդներուն ձեռքով։ Եւ Մխիթար Սեբաստացին կը նկատէ` արժանաւոր յաջորդը Սահակի եւ Մեսրոպի, անոնց պէս հիմնադիր ամբողջ լոյսով շինուած գործի մը, որ անջնջելի է։ Իր կարգին, Լէօ հիացումով կը գոչէ. Իսկապէս մեծ մարդ` որ ամբողջ դարագլուխ մը կը կազմէ մեր մտաւոր զարգացումի պատմութեան մէջ, եւ կը տարբերի` իրմէ առաջ եղած բոլոր հայ մեծ մարդերէն։ Իսկ Թէոդիկ կը յայտարարէ, որ համօրէն հայերս կոչելու ենք Մխիթարը, ոչ միայն համանուն Ուխտին` այլ եւ հայ գրականութեան վերածնունդի հիմնադիրը առանց այլի` ՄԵՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԸ։ Մխիթար Սեբաստացի իր հոգեկան կորովը կը սպառէ` ծրագրած իմացական վերածնունդը յառաջ բերելու համար նախանիւթեր հաւաքելով, եւ այդ շարժումը գոյատեւելու համար` գործիչներ պատրաստելով։ Լէոյի հաստատումով Մխիթար Սեբաստացիի հիմնած դպրոցը միայն գրագիտական դպրոց չէր, այլ մանաւանդ ԳՐԱԿԱՆ ՄԵԾ ԴՊՐՈՑ ՄԸ։ Վստահ կարելի է ըսել` դար մը ամբողջ, այդ դպրոցը միակ առաջաւոր հիմնարկութիւնն էր, որ հայերուն գիտութիւն եւ լոյս կը մատակարարէր. այնպէս որ, այդ դարը` մեր մտաւոր զարգացումի պատմութեան մէջ, կարելի է եւ պէտք է անուանել` ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԴԱՐ։ Սուրբ Ղազարը գործունեայ աշխատանոց մը դառնալէ ետք, Մխիթարեան վարդապետները մեղուի նման շրջած են Հայաստանի զանազան անկիւնները` հաւաքելով եւ փրկելով ազգային մշակոյթի ծաղկահիւթերը, որոնք խնամքով տարուած են վենետիկեան լճակին վրայ հաստատուած մանրանկար Հայաստանը` որ աւերակներու եւ ստրկութեան հայրենիք չէր, այլ գիրքերու հայրենիք։ Եւրոպական աստուածաբանական գրականութեան ամէնէն կարեւոր գործերու թարգմանութիւններով, ինչպէս նաեւ մեկնողական եւ կրօնաշունչ աշխատութիւններով, աստուածաշնչական գիրքերու հրատարակութեամբ եւ Աստուածային հոգւոյն քաղցրախօս քնարերգութեամբ` Մխիթար Սեբաստացի առանձին կրնայ ճոխացնել այդ շրջանի գրականութիւնը։ Հայ գրական վերածնութիւնը արդէն կատարուած փաստ է, – կ’եզրակացնէ Աճառեան, – եւ այստեղէն կը սկսի հայ նոր գրականութիւնը։ ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն` Եւրոպայի մէջ կը հրատարակուին, արեւելեան կարգ մը լեզուներու շարքին, հայերէնի նուիրուած քերականական-բառարանագրական աշխատութիւններ, որոնց երեւան գալը կը բացատրուի կաթողիկէ եկեղեցիին
105
ծաւալողական ձգտումներով, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի բնագիրը քննականօրէն ուսումնասիրելու պահանջով։ Տեղական բարբառներու եւ մանաւանդ լատինատիպ քերականութիւններու ազդեցութեամբ` գրաբարը մեծ փոփոխութիւններ կրած էր։ Մխիթար Սեբաստացին եւ ուրիշներ ալ իրենց կարգին, կը ձգտին վերականգնել գրաբարը իր նախկին մաքրութեամբ, կը նպատակադրեն ժողովուրդին մօտեցնել` ժողովուրդէն հեռացած գրաբարը։ Գրաբարը վերականգնելու ձգտումը դրական դեր կը կատարէ, առաջին առիթով` օտարաբանութիւնները հայերէն լեզուէն անջատելու առընչութեամբ։ Գրական վերածնունդ մը յառաջ բերելու համար` անհրաժեշտ էր հայերէնի քերականական կանոնաւորութիւնը։ Մայրենի լեզուն անաղարտ աւանդելու մտադրութեամբ, Մխիթար Սեբաստացի` իր ձեռնասուններուն աջակցութեամբ, կը ձեռնարկէ լեզուաբանական ընդարձակ աշխատութիւններու։ Հայ լեզուաբանութեան հսկան` Հրաչեայ Աճառեան կը բնորոշէ, թէ ինչ աշխատանք կատարեցին վենետիկեան դպրոցի հիմնադիրը եւ նոյն դպրոցին պատկանող տիտանները։ Մխիթարի կարեւոր դերը մեր գրականութեան մէջ` հայերէն լեզուի նախկին վիճակին վերականգնումն է։ ԺԴ. դարէն սկսելով` մինչեւ Մխիթարի ժամանակը, հայերէնը հասած էր անկումի ծայրագոյն վիճակին. լատինաբանութիւնը` զոր մտցուցած էին միաբանող կոչուած թարգմանիչները եւ հեղինակները, գրաբարի տգիտութիւնը եւ կրթութեան պակասութիւնը ստեղծած էին ամենագռեհիկ գրականութիւնը։ Մխիթար մտադիր եղաւ` նախ մաքրել այդ լեզուն իր բոլոր գռեհկութիւններէն եւ հայերէնի նախնական վիճակը վերականգնել ըստ կարելւոյն։ Փոքր Ասիա ապրող բազմաթիւ թրքախօս հայերու հասկնալի ըլլալու նպատակով եւ անոնցմէ շատերուն խնդրանքով` 1727 թ. Մխիթար Սեբաստացի կը հրատարակէ իր պատրաստած աշխարհաբար լեզուի առաջին քերականութիւնը։ Ատկէ ետք, 1730 թ. լոյս կ’ընծայէ Գրաբարի Լեզուի Հայկազեան Սեռի մեծածաւալ քերականութիւնը, կամենալով գրաբարի նախկին ուղղախօսութիւնը վերականգնել, առանց նոր հեղինակներու ներհակ երեւելու, ինչպէս բացատրած է ուրիշ մեծ քերականագէտ մը` Հ. Միքայէլ Չամչեան։ Այդ շրջանի քերականական կանոններուն մէջ իշխող դիրք կը գրաւէր լատինաբանութիւնը` որ Հռոմի եկեղեցիին պաշտպանութիւնը կը վայելէր։ Մխիթար Սեբաստացի` կաթողիկէ գաղափարաբանութեան ոլորտի մէջ գործելուն, խոհեմ վերաբերում ցոյց կու տայ, իրեն դէմ նախանձաշշուկ նոր խօսքերու առիթ չտալու համար, լատինաբան այդ անհեթեթ լեզուն ժամանակ մը ինքն ալ գործածելով։ Մեր օրերու հայ լեզուաբաններու միահամուռ կարծիքով` գրաբարի լիակատար եւ օտարաբանութիւններէ զերծ քերականութիւն մը կազմելու այս փորձը յաջող կը նկատուի։ Հայ լեզուաբանութեան պատմութեան ականաւոր հեղինակ`
106
Էդուարդ Աղայեան կ’եզրակացնէ, որ այդ քերականութիւնը նոր աստիճանի մը կը հասցնէ գրաբարի քերականական ուսումնասիրութիւնը։ Հայերէն լեզուի ուսումնասիրութեան համար ունեցած կարեւոր նշանակութենէն զատ, Մխիթար Սեբաստացիի քերականութիւնը հանդիսացած է վրացերէնի քերականութեան հիմքը։ 1753 թ. այդ քերականութեան հետեւողութեամբ` վրացիներու Անտոն կաթողիկոսը Փիլիպպոս Ղայթմազաշվիլի հայ քահանային աջակցութեամբ կազմած է վրացերէն լեզուի առաջին քերականութիւնը. ըստ համեմատական ուսումնասիրութեան մը` նոյնիսկ բառացի թարգմանած է։ Գրաբարը օտարաբանութիւններէ քիչ առ քիչ մաքրելէ ետք, Մխիթար Սեբաստացի իր աշակերտներուն պատուիրած է, որ շարունակեն սկսուած աշխատանքը։ Արդէն ԺԸ. դարը չվերջացած, Մխիթարեան հեղինակներու երկերուն մէջ լատինաբանութեան հետք գրեթէ չէ մնացած։ Լատինաբանութեան վերջնական յաղթահարումը տեղի կ’ունենայ` 1778 թ. երբ լոյս կը տեսնէ Հ. Միքայէլ Չամչեանի Հայկազեան Լեզուի քերականութիւնը։ Մխիթար Սեբաստացիի գիտական ժառանգութեան գլուխ գործոցը եւ հայ բառարանագրութեան լաւագոյն գործերէն մէկը կը նկատուի Հայկազեան Լեզուի բառգիրքը` ուր առաջին անգամ մէկտեղուած է հին հայերէնի բառային դարձուածաբանական կազմը, համեմատաբար լրիւ ծաւալով։ Թուելէ ետք Բառարանին ուշագրաւ կողմերը, գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից անդամ` Էդուարդ Աղայեան կ’եզրակացնէ, որ Մխիթար Սեբաստացին առաջին անգամ ուշադրութիւն դարձուց աշխարհաբար հայերէնին, կազմեց այդ լեզուին առաջին քերականութիւնը եւ առաջին բառարանը։ Ատոր արդիւնքը եղաւ այն` որ քննութեան առաւ գրաբարի եւ աշխարհաբարի յարաբերութեան հարցը եւ ճիշտ կերպով որոշեց բարբառներու յառաջացումի խնդիրը։ Նկատի ունենալով այս բոլորը, – կը շարունակէ ականաւոր լեզուաբանը, – առանց վարանելու կը գտնենք, որ Մխիթար Սեբաստացին իրեն նախորդող ամբողջ շրջանին գագաթը կը հանդիսանայ, իր քերականութիւններով եւ յատկապէս իր բառարանով մէկ կողմէ կը փակէ հին շրջանը, միւս կողմէ կը բանայ նոր շրջան` գիտական լեզուաբանութեան երախայրիքի շրջանը։ Հայ բառարանագրութեան պատմութիւնը հետազօտող Դոկտ. Գասպար Գասպարեանի նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ կը կարդանք. Հին Հայկազեան Բառարանը փաստօրէն հանդիսացաւ հայ բառարանագրութեան այն հիմնաքարը որուն վրայ յետագային կազմուեցան հայերէն բացատրական, թարգմանական եւ այլ բառարաններ, միաժամանակ անիկա դարձաւ հայերէն լեզուի բառային կազմի, քերականական ուսումնասիրութիւններու աղբիւր։ Դառնկսկիծ եւ խստագոյն երկունք կրելով, հեղեղանման քրտնելով սաստկագոյն աստիճանի ջերմութեան մէջ անցած են Մխիթար Սեբաստացիի կեանքին վերջին տասը տարիները։ Հ. Ատեփան Եւդոկիացի` որ Աբբահօր
107
խոստովանահայրը եւ գլխաւոր հիւանդապահը եղած է, իր օրագրութեան մէջ մանրամասն պատմած է` թէ Մխիթար Աբբահօր մարմինը ամբողջ հիւծեցաւ, երեսին գեղեցկութիւնը կորսնցուց, պայծառագոյն աչքերը` դեղնութեամբ լեցուեցան, բազուկները եւ ծունկերը այնքան հիւծեցան` որ փոքր մանուկի մը կը նմանէին, բացի ոսկորներէն, ջիղերէն եւ մորթէն` ոչինչ կ’երեւէր։ Գերյարգելի Աբբային մահը տեղի ունեցած է 1749 թ. Ապրիլի 27-ին, գիշերուան եօթներորդ ժամուն, իր ապրած տարիներուն համապատասխան եօթանասունչորս օր սոսկալի տառապելէ ետք։ Սուրբ Ղազարի մէջ սկսած լուսաւորական աշխատանքները տարածուած են հայաբնակ ուրիշ վայրերու մէջ ալ. Պոլսոյ մէջ, Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքը` Մխիթար Սեբաստացիի օրինակէն թելադրուած, հայ ազգը տպագրութեան արուեստին մասնակից ընելու խորհուրդով, տպագրել տուած է շատ գիրքեր, որոնցմէ շատերը իր ծախքով լոյս տեսած են։ Սուրբ Ղազարը որպէս վանականգիտական հաստատութեան տիպար ընդունելով` Մխիթարեաններու գործին ջերմ համակիր Լէօ կը շեշտէ, որ Յովսէփ Երկայնաբազուկ Արղութեան սրբազանը Նոր Նախիջեւանի Սուրբ Խաչ վանքը հիմնելով, մտածած է զայն դարձնել գրական-հրատարակչական հիմնարկութիւն մը, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան պէս, եւ նոյնիսկ այդ միաբանութեան դէմ մրցելու նպատակով։ Հայ իրականութեան մէջ լուսաւորական շարժումի նախաքայլերը հետազօտող հայրենաբնակ բանասէր մը նշանակալից եւ ժամանակին համար ողջունելի կը գտնէ այն լայնախոհութիւնը, որ հանդէս կը բերէին հայ յառաջադէմ գործիչները` մերժելով կրօնական խտրականութիւնը եւ դաւաճական իրերամերժութիւնը։ Ըլլալով լուսաւորչադաւան` անոնք կ’ըմբռնէին եւ կը գնահատէին մշակոյթի զարգացումին համար Մխիթարեաններուն ծաւալած ազգանուէր գործունէութիւնը։ Մատենագիտական մանրախոյզ ուսումնասիրութեան մը համաձայն` ԺԸ. դարու լուսաւորական շարժումին չափանիշ կարելի է նկատել հրատարակուած 530 անուն գիրքերը, մինչդեռ ԺԷ. դարուն` 130 անուն եղած է, իսկ ԺԶ. դարուն միայն 20 անուն։ Մխիթարեաններու անունին փայլը երթալով կ’աճէր, – հաստատած է հայ գրականութեան պատմութեան մեծագոյն պատմաբանը` Մանուկ Աբեղեան, – անոնք յաջողցուցին այն` ինչ որ երկուհարիւր տարի առաջ հայ վանականներ ձեռնարկած էին Արեւելքի մէջ, բայց մեծ դժուարութիւններէ զատ, քաղաքական դժբախտ պատահարներու հետ կապուած ըլլալով` չէին յաջողած այնպէս ինչպէս կը փափաքէին կատարել այդ գործին համար աշխատողները։ Մխիթարեանները իրենք ձեռք կ’առնեն հայ գրականութեան վերածնութիւնը եւ այդ աշխատանքը անընդհատ յառաջ կը տանին Եւրոպայի անվտանգ եւ խաղաղ կեանքի յարմարութիւնները օգտագործելով։0
108
ԺԹ. դարու երկրորդ տասնամեակին, անգլիացի ռոմանթիք մեծ բանաստեղծը` Լորտ Պայրըն, Սուրբ Ղազարի մէջ հայերէն լեզուն ուսումնասիրած օրերուն` իր բարեկամներէն մէկուն կը գրէ. կը թուի միաբանական հաստատութեան մը բոլոր առաւելութիւնները միացուցած ըլլալ, անոր թերութիւններէն ոչ մէկը իւրացնելով։ Բնակարանի մաքրութիւն եւ հանգստաւէտութիւն, աբեղաներու անկեղծ բարեպաշտութիւն, տաղանդ եւ առաքինութիւն` անտարակոյս պէտք է համոզեն աշխարհի մարդը, թէ նոյնիսկ այս կեանքին մէջ կայ ուրիշ մը եւ լաւագոյն մը։ Ազգայնականութեամբ տոգորուած ֆրանսացի ակադեմական Մօրիս Պարէս` Սուրբ Ղազարի վանքը նկատած է աշխարհի ամէնէն հետաքրքրաշարժ վայրերէն մէկը, որովհետեւ հոն ճշգրտօրէն ու շօշափելի կերպով սա ճշմարտութեան կը համոզուիս թէ ազգ մը` հասարակաց դաստիարակութեան մը արգասիքն է։ Դասարանի բեմով մը ու գերեզմանատունով մը` մարդ հարկ եղածը ունի հայրենիք կազմելու համար։ Այսպէս` սերունդներ հերթագայելով, մեր դիւցազուններու լեզուն` գրաբարը նկատած են իրենց լեզուին դայեակը, – ինչպէս համոզումով կը յայտնէ Ռափայէլեան Վարժարանի անուանի աշակերտներէն` Արփիար Արփիարեան, – մեր պատմութիւնը նկատած են իրենց սիրտին դաստիարակը, իսկ Սուրբ Ղազարը` բացակայ հայրենիքին յիշատակարանը։ ***
Ազգայնութեան գաղափարախօս ըլլալը` Մխիթար Սեբաստացի հաստատած էր իր հասարակական գործունէութեամբ եւ գիտական վաստակով։ Խոնարհամիտ սրտիւ ընծայեմ քեզ, – կը կարդանք Հայկազեան Բառարանի յառաջաբանին մէջ, – զպտուղ բազմամեայ աշխատութեանս` նուէր սիրոյ, զի ցանկալի է ինձ` յինէն առնուլ եւ քեզ տալ. վասն զի որ ինչ իմ է, քո է, եւ որ ինչ քո` իմ։ Վասն որոյ եւ ծառայելս իմ քեզ` պարծանք են ինձ, մանաւանդ թէ եւ լրումն պաշտաման իմոյ եւ իմոցս, վասն զի ի սկզբանէ անտի որպէս ես, նոյնպէս եւ միաբանութիւնս մեր կարգեալ կայ ի սպասաւորութիւն բանի հայկազեան տոհմի։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 24 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.432 25 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.433 26 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.434 28 Յունիս 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.435
109
ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՅ ՊԱՏՄԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԷՆ` ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՔ. ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ
Հայ պատմագիրներու ամրակուռ շղթան` օղակուելով վաղ միջնադարէն, երկարաձգուած է մինչեւ ԺԹ. դարու սկիզբը, դառնալով համաշխարհային պատմագրութեան ոսկեայ Ֆոնտին ամէնէն տիրական մասերէն մէկը։ Յովհաննէս արք. Սեբաստացին` այդ շղթան համալրող վերջին օղակը պէտք է նկատել։ Յովհաննէս Սեբաստացիի ծննդեան թուականը յայտնի չէ. կ’ենթադրուի թէ ծնած պէտք է ըլլայ մօտաւորապէս ԺԸ. դարու 60-ական թուականներու վերջին տարիներուն։ Աւազանի անունով կոչուած է Յովնան։ Խոհական մտքով տղայ մը ըլլալուն` մանուկ հասակէն ուսման տենչացող եղած է, աշակերտելով Սեբաստիոյ ընդհանրական տեսուչ` վեհանձն եւ ազատաբարոյ արմտանցի Յակոբ արքեպիսկոպոսին, որմէ բազմակողմանի եւ խոր գիտելիքներ ամբարելէ ետք, ստացած է վարդապետական աստիճան` 1797 թ. Գիւտ Խաչի տօնին, իր սննդակից Կարապետ աբեղային հետ։ Մէկուկէս տասնամեակ ետք, 1812 թ. սրբոց մարտիրոսացն Գուրիասանց տօնին, Էջմիածնի իջման ահեղ սուրբ սեղանին առջեւ` ամենայն հայոց ծայրագոյն քահանայապետ Եփրեմ սրբազան կաթողիկոսէն արքեպիսկոպոս ձեռնադրուած է Սեբաստիոյ նահանգին վրայ։ Իրեն օծակից Կարապետ վարդապետին հետ` 1807 թ. մինչեւ 1809 թ., համերաշխաբար վարած է Սեբաստիոյ առաջնորդական տեղապահութեան պաշտօնը։ Քաղաքական, տնտեսական եւ եկեղեցական յոգնավրդով իրադրութեան մէջ անցած են Յովհաննէս արքեպիսկոպոսի Սեբաստիոյ տիրախնամ քաղաքին եւ համայն վիճակին առաջնորդութեան քսաներեք տարիները, սակայն պէս պէս փորձութիւններուն եւ բազմավիշտ տառապակրութեան կրցած է արիաբար դէմ դնել։ Եղած է այն սակաւաթիւ եկեղեցականներէն` որոնք սխրաջան ճիգով, իրենց կեանքը արդիւնաւորած են շինարարական աշխատանքներով, մակավարժական գործունէութեամբ եւ գրական վաստակով։ Անստգիւտ կենցաղով բոլորելէ ետք իր կեանքը` հաւանաբար Յովհաննէս Սեբաստացիի ձեռնասուն աշակերտներէն մէկը, իր տապանին վրայ արձանագրած է.
110
Գերազանց ցուցեալ վարուք սրբութեան, Փոխեցաւ առ Տէր արդեամբ բարութեան։ Յովհաննէս Սեբաստացիի մահուան թուականը երկու տարբեր տարեթիւերով տրուած է. տապանագիրին օրինակութիւնը` ՌՄՀԹ-1830 է, իսկ նոյն տապանագրութեան ձեռագիրի մը մէջ յիշատակուած թուականը` 1829 թ. Նոյեմբեր 26 է։ Յովհաննէս Սեբաստացիի գրական ժառանգութեան մասին երկու տող յիշատակութիւն կը գտնենք իր չափածոյ տապանագիրին մէջ. Տուեալ գանձն իւր անխոնջ տքնութեան, Յօրինեաց բազում հոգելից մատեան։ Անխոնջ տքնութիւններով յօրինուած բազմաթիւ հոգելից մատեաններէն` այսօր ծանօթ են միայն երեք աշխատութիւններ։ Տարիներու ընթացքին խօսած հոգեշահ քարոզները` մահուան աղէտալի դառնութեան, դատաստանին սարսափելի ահարկութեան, դժոխքին զարհուրելի թշուառութեան եւ մարդուն համար` երկինքի արքայութեան զուարճալի փառքին մասին, 1820 թ. ամփոփած է Չորից վերջնոց խորագրով հատորին մէջ։ Իր գրական աշխատութիւններէն` շնորհիւ Ներսէս Աշտարակեցիի հետ ունեցած մտերմութեան, Յովհաննէս Սեբաստացի տպագրուած տեսած է միայն Ներբողական նուագերգութիւնքը, որ լոյս տեսած է 1825 թ. Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի նորահաստատ տպարանէն։ Քսանմէկ էջերէ բաղկացած փոքրադիր պրակին միակ օրինակը կը գտնուի Էջմիածնի Ճեմարանի գրադարանը։ Հաւաքածոյին տասնմէկ1 բանաստեղծութիւնները` կը ներբողեն սուրբ Էջմիածինը, Եփրեմ կաթողիկոսը, Երուսաղէմի սուրբ աթոռը, Սեբաստիոյ սուրբ Նշան վանքը, սուրբ Կոյսին աւետումը եւ յղութիւնը, կամ Փրկիչէն օգնութիւն կ’աղերսեն։ Ասոնց կարգին, աշխարհիկ բովանդակութեամբ երկու բանաստեղծութիւններ ալ կը պարունակէ` հայերէն գիրերու գիւտին եւ Սեբաստիոյ նոր դպրատան մասին։ Սակայն, այս ոտանաւորները առանձնապէս գեղարուեստական մեծ արժէք չեն ներկայացներ, կը շեշտէ Յովհաննէս Սեբաստացիի գրական վաստակին նուիրուած նորագոյն ուսումնասիրութեան մը մէջ` բանասէր Բաբգէն Չուգասզեան2։ Յովհաննէս Սեբաստացիի եզակի նկատուող գործը` որ արդէն հարիւր տարիէ ի վեր բանասէրներու ուշադրութիւնը գրաւած է, Սեբաստիոյ սուրբ Նշան հրաշափառ վանքին մէջ տեղի ունեցած ինչ ինչ երեւելի անցքերուն մասնաւոր պատմագրութիւնն է, համառօտակի հաւաքուած եւ մէկտեղուած հին եւ նոր պատմագիրներէ, գաւազանագիրքերէ, կոնդակներէ, տապանագրերէ, գիրքերու
111
յիշատակարաններէ, եւ խաչերու, զարդերու, կահ-կարասիներու վրայ եղած արձանագրութիւններէն։ Այս պատմութեան ձեռագիրներէն հինգ օրինակ` երկու տարբեր խմբագրութիւններով, կարելի է գտնել Երուսաղէմի, Վենետիկի եւ Երեւանի ձեռագրական հաւաքածոներուն մէջ։ Սեբաստիոյ պատմութիւնը հանրութեան ծանօթացնելու առաջին փորձը կատարողը եղած է հայ մշակոյթի երախտաւորներէն` Պօղոս վրդ. Նաթանեան։ Բանասէրներէն այս պատմութեամբ հետաքրքրուած են մասնաւորաբար Ղեւոնդ վրդ. Փիրղալէմեանը, Անդրէաս վրդ. Աղեքսանդրեանը, Հ. Համազասպ Ոսկեանը եւ Հայկ Պէրպէրեանը։ Պատմութիւնը` ամբողջական բնագրով եւ տարընթերցումներով, առաջին անգամ հրապարակ կու գայ Հայկական ՍՍՀ Մինիստրներու Սովետին առընթեր Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու ինստիտուտի փոխտնօրէն` Բաբգէն Չուգասզեանի աշխատասիրութեամբ եւ գիտական քարտուղար փայլակ Անթապեանի խմբագրութեամբ։ Նախքան այդ հատորին հրապարակումը` Բ. Չուգասզեան ամփոփ ուսումնասիրութեամբ մը3 բանասէրներու ուշադրութիւնը կը սեւեռէր Յովհաննէս Սեբաստացիի օգտաւէտ գործունէութեան եւ անոր պատմութեան անծանօթ մնացած հետաքրքրական բովանդակութեան մասին։ Պատմութիւն Ս. Նշանի առաջնորդաց Սեբաստիոյ հեղինակային խորագրով աշխատութիւնը` հրատարակիչը նպատակայարմար համարած է զայն հրատարակել պատմագրական գրականութեան մէջ քաղաքացիութիւն ստացած Պատմութիւն Սեբաստիոյ անունով։ Ներկայ հրատարակութեան համար, մեծարգոյ բանասէրը գիտնականի բարեխղճութեամբ օգտագործելով առկայ բոլոր տուեալները` գրած է շահեկան առաջաբան մը (էջ 5-25), պատմութեան բնագիրը լուսաբանած է հմտալից ծանօթագրութիւններով (էջ 199-206) եւ կազմած է անհրաժեշտ բառարաններ (էջ 207-220, 221-225)։ Մանրամասնեալ անուանացանկը (էջ 226-236) մեծապէս կը դիւրացնէ պատմութեան օգտագործումը։ Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի պարագայ մըն է, որ Սեբաստիոյ պատմութիւնը լոյս տեսած է առանց երկար ժամկէտով հերթի սպասելու. հրատարակչական նշումներուն համաձայն` շարուածքի յանձնումին եւ տպագրութեան ստորագրումին միջեւ երկարաձգուող ժամանակահատուածը եղած է միայն չորս ամիս։ Այս շտապողականութեան մէջ դեր կատարած է հաւանաբար` ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերուն հայ ժողովուրդի արեւմտեան հատուածի պատմութեան վերաբերեալ նոր փաստեր շուտով շրջանառութեան մէջ դնելու ձգտումը։ Յովհաննէս Սեբաստացի դոյզն ինչ նախաբանութեան մէջ կը նախագծէ իր ներկայացնելիք պատմութեան ընթացքը։ Արծրունիներու Յովհաննէս արքան` որ Սենեքարիմ ալ կը կոչուէր, սկիւթացի թաթարներէն շատ նեղուելով, Վասպու-
112
րական աշխարհի չորս հազար ընդարձակ եւ արդիւնարար գիւղերը, եօթանասուներկու բերդերը եւ տասը քաղաքները` հաստատուն յետկարով մը կու տայ Վասիլ կայսեր, փոխարէնը` հաստատուն նամակով ստանալով Սեբաստիան, իր գաւառներով միասին, մինչեւ Եփրատի սահմանները։ 1021 թ. Սենեքարիմ արքան` իր զաւակներով, եղբօրորդիներով, ազատագունդ զօրքով եւ ռամիկին զանգուածով, ընդամէնը չորսհարիւր հազար հոգի, կ’երթայ բնակութիւն հաստատելու Սեբաստիա քաղաքը։ Այնտեղ, բարեպաշտ արքան հետը տարած Վարագայ սուրբ Խաչին համար կը կառուցանէ չքնաղատիպ վանք մը` ուր կը զետեղէ տէրունական սուրբ Նշանը։ Յանուն արփիասփիւռ սրբոյ Նշանի Տեառն կառուցւած գերապանծ տաճարը` հոգեւոր եւ մարմնաւոր վայելչութեամբ զարդարուած, անճառահրաշ սքանչելիներով, երեւելի եւ փառաւոր սուրբ հայրապետներով, ներհուն եւ բանիբուն վարդապետներով, հռչակաւոր եւ ազնիւ նահատակներով, անուանի եւ մեծագործ թագաւորներով ու իշխաններով, շքեղազարդ եւ գեղեցկատես յօրինուածով, պէս պէս պանծալի ձիրքերով պճնուած` կը պերճանար երբեմն։ Եւ մերթ` յոգնադիմի վտանգալիր եւ վնասակար դէպքերով կը շուրջփակուէր, վայրենամիտ եւ կամակոր մարդերով կը պաշարուէր, արիւնռուշտ, դժնդակ եւ գազանաբարոյ բռնաւորներէ կը կեղեքուէր, յետին տնանկութեան, անշքութեան եւ ամայութեան վիճակը կը վերերեւէր։ Յ. Սեբաստացիի պատմական աղբիւրներ օգտագործելու գիտական մօտեցումը եւ վկայակոչումներու ճշգրտութիւնը` Չուգասզեանի ըսել կու տայ թէ Սեբաստիոյ պատմութիւնը ժամանակագրական խիստ կարգով գրուած հաւաստի աշխատութիւն մըն է եւ օգտակար աղբիւր մը։ Մանրաքնին ուսումնասիրութեամբ` Չուգասզեան կը հաստատէ, թէ Յ. Սեբաստացի «ձեռքի տակ ունենալով Չամչեանի պատմութիւնը` հատուածաբար բառացի մեծ քաղուածքներ է կատարել»4։ Նոյն տեսակէտը աւելի մանրամասնելով, կը շեշտէ` թէ «Յովհ. Սեբաստացին իր պատմութեան սկզբի հատուածներում Սեբաստիայի քաղաքական պատմութեան տեղեկութիւնները յաճախ էջերով բառացի քաղում է Մ. Չամչեանի Պատմութիւն հայոցից եւ համադրելով երբեմն սկզբնաղբիւրների հետ` ագուցում է քաղաքի առաջնորդ եպիսկոպոսների պատմութեանը»5։ Զարմանքով կ’անդրադառնանք, որ հայոց գերագոյն եւ իսկագոյն պատմիչէն բառացի քաղուածքներ կատարող Յ. Սեբաստացի` իր ժամանակագրութեան մէջ մոռցած է յիշատակելու, թէ Մխիթար Սեբաստացի 1691 թ. «եմուտ ի վանս սուրբ Նշանու եւ զգեցաւ զզգեստ կրօնաւորական, ձեռնադրեցաւ կիսասարկաւագ եւ սարկաւագ միանգամայն ըստ սովորութեան հայկազնոյն, յԱնանիա եպիսկոպոսէն` յառաջնորդէն նոյն վանացն»6, թէ «զայսու ժամանակաւ շարադրեաց Մխիթար սարկաւագն զերգն զայն Աղաչեմք զքեզ Աստուածածին, եւ ի վերջն տանց երեք Տէր ողորմեա։ Եւ կղերիկոսաց անգիտացեալ թէ նորա էր, երգէին զայն
113
փոխանակ երգոյն Աստուածածին մայր Քրիստոսի։ Արար եւ զերգս չորս` ի չորս մեծ տօնս երգելոյ որոնց առաջինն է ի վերայ սրբոց գլխաւոր առաքելոցն Պետրոսի եւ Պօղոսի, երկրորդն` ի վերայ սրբոյն Ստեփանոսի, երրորդն` Յակովբայ եւ Յովհաննու, չորրորդն` ի վերայ Եղբօր Տեառն եւ Դաւթի մարգարէի»7։ Նոյնպէս մոռցած է` թէ 1696 թ. Մայիսի 7-ին, «քահանայից եւ ժողովրդոց, իշխանաց եւ տօլւաթաւորաց վկայութեամբ», կիւրինցի Կարապետ պարոն տէր եպիսկոպոս աբեղայ կ’օրհնէ Մխիթար սարկաւագը, «որ կեցեալ է ի դուռն սուրբ Նշանու մենաստանիս ամս հինգ. վարժելով ի տառս հնոց եւ նորոց կտակարանաց Աստուածաշունչ մատենից»8։ Պատմագրութեան եւ բանասիրական գրականութեան մէջ Պետրոս Գետադարձի մահուան տարին նշանակուած է 1056, 1057, 1058, 1059 թուականներով. Չուգասզեան նշած է այդ բոլորը։ Յ. Սեբաստացիի նկարագրութեամբ` «եւ հասեալ յաւուրս ծերութեան Պետրոս կաթողիկոս Գետադարձն կոչեցեալ` եղբայր Խաչկայ առաջնոյ, վախճանեալ ի Սեբաստիա ի վանս սուրբ Նշանի (Շէ - 1058) եւ թաղեցաւ անդ` արտաքոյ եկեղեցւոյն, յետ կոյս սրբոյ սեղանոյն, ի կողմն յարեւելից, պատեալ պարսպաւ մաքուր շիրիմ նորա»9։ Կրկին շօշափելով նոյն նիւթը` Յ. Սեբաստացի կը գրէ. Է հասարակաց գերեզմանատունն սրբոյ ուխտիս, որ ի բոլոր բնակչաց վիճակին կոչի Գետարգել, ի սակս անդր գոլոյ դամբարանի սրբոյն Պետրոսի Գետադարձին, ուր եւ թաղեալ կան մարմինք առաջնորդաց...։ Աստ է... դամբարան սրբոյն Պետրոսի կաթողիկոսի Գետադարձին...։ Սա եկն ի սուրբ մենաստանս յաւուրս Ատովմայ արքայի Արծրունւոյ եւ եկաց ամս 7 եւ փոխեցաւ առ Քրիստոս (Շէ - 1058) եւ թաղեցաւ աստ։ Եւ պատուի գերեզման նորին յաճախեալ ի ջերմեռանդ ուխտաւորաց մինչեւ ցայսօր ժամանակի10։ Իր ժողովուրդին ջերմ սիրոյն եւ պատուին արժանացած սուրբ հայրապետը` մահուան տարբեր տարեթիւեր ունենալէ զատ առեղծուածային կերպով` երկու տապանաքար ունի։ Վարագայ վանքին սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ «կը ցուցուին գերեզմանները կաթողիկոսի մը թագուհիի մը եւ թագաւորի մը Կաթողիկոսն է Պետրոս Գետադարձ, որուն տապանագիրն է` թվին ԴՃՀԱ (1022)։ Այս է հանգիստ Տեառն Պետրոսի կաթողիկոսին, որ ի Տրապիզոն զգետն ճորոխ արգելեաց առաջի Վասիլ արքային»11։ Ծանօթ է սեբաստացիներու բարեպաշտ հոգին. դարերու ընթացքին իրենց երկրին մէջ տեղի ունեցած են տասնեակէ մը աւելի խշխշալի նահատակումներ։ Գոհարինեանց նահատակներու նշխարներու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ կը գտնենք` հայկական ոգեկան արժէքներու խուզարկու Տրդատ Եպս. Պալեանի մէկ ընդարձակ աշխատասիրութեան ամփոփումին մէջ։ Երախտաշատ սրբազանը նկարագրելով նոյն վիճակին Ս. Հրեշտակապետի վանքը, կը գրէ` թէ
114
Սեբաստիայէն հինգ կամ վեց ժամու չափ հեռաւորութեամբ, Աղտու կամ Տուղասար կամ Թուղլասար անուն գիւղի մը մօտ, բարձր բլուրի մը կամ լեռնակի մը լայնափոր բարձրաւանդակին վրայ շինուած է, որուն կ’ըսուի նաեւ Յաղթու Ս. Հրեշտակապետի վանք. ունի սքանչելի եւ ակնպարար տեսարան, կը տիրէ Ալիս գետին եւ շրջակայ լեռներուն որոնց գեղեցկութիւնը աննկարագրելի է։ Վանքին միակ տաճարը նուիրուած է յանուն Ս. Հրեշտակապետի. փոքրիկ բայց շատ գեղեցիկ շէնք մըն է։ Վանքին մօտ գերեզմաննոց մը կայ, որ կ’անուանի Խաչ-բլուր։ Այս գերեզմանատան մէջէն` 1871 թ. գտնուեցաւ Սրբոց Գոհարինեանց նշխարները, արկղաձեւ շարուածքի մը մէջ զետեղուած, որոնց վրայ իբրեւ կափարիչ կը գտնուէր սպիտակ կճեայ քար մը, որուն երեսներն ալ փորագրուած էին հայերէն յիշատակարաններով։ Առաջին երեսին վրայ գրուած էր. – Այս նահատակք որ կատարեցան... վասն Քրիստոսի, Ռատիոս եւ Գոհարինէ, Տնկիկ եւ Ծամիտէս։ Երկրորդ երեսին վրայ. – Եւ եդան յայս տեղւոջ ի ձեռն Ս. Վարդապետի Բարսղի, թվին ՈԼԶ (636-551=1187). Այս սուրբերու նշխարքը` փոխադրուելով իրենց այս տեղէն, ամփոփուեցան այն թուականին վանւոյս տաճարին մէջ, յաջակողմեան պատին Ս. Հրեշտակապետին մեծ պատկերին տակը, ուր հաստատուն կերպով զետեղուեցաւ նաեւ յիշատակարանով եղած սպիտակ կճեայ կափարիչ քարը12։ Գոհարինէի որդի Թէոդորոսի վկայութեան մասին տարբեր տարեթիւեր տալէ զատ, Յ. Սեբաստացի կ’ըսէ թէ նահատակին տապանաքարը կը գտնուի Ս. Կարապետ եկեղեցիին մէջ, մինչ Տրդատ Եպս. Պալեան կը յիշատակէ, թէ «յանուն Ս. Աստուածածնի եկեղեցին թէեւ փոքր է, բայց շատ սիրուն եւ գմբեթաւոր. այս եկեղեցւոյն մէջ են Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսի եւ Թէոդորոս աբեղայի գերեզմանները»13։ Ամբողջացնելու համար Տրդատ Եպս.ի հաղորդած տեղեկութիւնները, այստեղ կու տանք նաեւ Անանիա կաթողիկոսին տապանաքարին արձանագրութիւնը. Յայս դամբարանիս եդին զմարմին Տեառն Անանիա կաթուղիկոսին, որ օծեալ նստաւ... ի գերահռչակ մենաստանիս։ Սա էր ազգական Պետրոսի մեծին, Գետադարձ կոչեալ սուրբ հայրապետին, ժամանեաց վախճան սուրբ կենաց նորին, թուին վեցհարիւր-յիսուն եւ վեցին (1207)14։ Վաթսունմէկ տարիէ վեր, չքնաղատիպ սուրբ Նշան վանքը` որուն արքայական դռնէն «երբեմն մուտ եւ ելս առնէին մեծազօր թագաւորք եւ պերճափառ իշխանքն մեր», դատարկուած է իր հայկական սրբութիւններէն. հաւանաբար` ցամքած են Լուսաղբիւր կոչուող բարեհամ ջուրի կարկաջահոս, մշտահեղ եւ առատազեղ աղբիւրները, անտարակոյս` խոպանացած են անուշահոտ ծաղիկներու ոսկենշոյլ պարտէզները, արօրադրեալ եւ մշակուած անդաստանները` որոնք բոլորն ալ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Սեբաստացի արքեպիսկո-
115
պոսին գուրգուրանքին առարկայ եղած են երբեմն... Բաբգէն Չուգասզեան` անհետացած սրբութիւններու յիշատակին նոր կոթող մը կը կանգնէ։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 22 Նոյեմբեր 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.551 23 Նոյեմբեր 1976, 61-րդ տարի, թիւ 17.552
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Մատենագիտական երկու աշխատութիւններու մէջ նշուած է` թէ բանաստեղծութիւններու այս ժողովածոն կը վերջանայ 9-րդ տաղով. տես Հայկ Դաւթեան, Հայ գիրքը 1801-1850 թուականներին. մատենագիտութիւն, խմբագրութեամբ Յ. Ա. Անասեանի, Երեւան, Ա. Ֆ. Մեասնիկեանի անուան հանրապետական գրադարան, 1967, էջ 129։ Ս. Ա. Շտիկեան, Հայ նոր գրականութեան ժամանակագրութիւն. 1801-1850, Երեւան, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչութիւն, 1973, էջ 139։ 2. Յովհաննէս Սեբաստացի, Պատմութիւն Սեբաստիոյ, աշխատասիրութեամբ Բ. Լ. Չուգասզեանի, Երեւան, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչութիւն, 1974, էջ 199։ 3. Բ. Չուգասզեան, «Յովհաննէս Սեբաստացու Պատմութիւնը», Հայրենիքի ձայն, 17 Հոկտեմբեր 1973, էջ 6-7։ 4. Պատմութիւն Սեբաստիոյ, էջ 12։ 5. Նոյն տեղը, էջ 200։ 6. «Համառօտութիւն վարուց Մխիթարայ մեծի աբբայի», Մխիթար տօնագիրք, Վիեննա, 1940, էջ 326։ 7. Նոյն տեղը, էջ 331։ 8. Նոյն տեղը, էջ 336-337։ 9. Պատմութիւն Սեբաստիոյ, էջ 40։ 10. Նոյն տեղը, էջ 164-165։ 11. Դկտ. Հ. Համազասպ Ոսկեան, Վասպուրական-Վանի վանքերը, Ա. մաս, Վիեննա, 1940, էջ 273։ 12. Տ. Տրդատ եպ. Պալեան, Հայ վանօրայք, (Ձեռագիր, 37, չհամարակալուած, էջ 10 լուսանկար)։ Տես` Ա. Ալպօյաճեանի արխիւը համալրող նորայայտ նիւթեր, որոնք առժամաբար ի պահ կը մնան Մօ. Եդուարդ Յակոբեանի մօտ։ Հաւանաբար այս տեղեկութիւնները կարելի է գտնել նաեւ նոյն հեղինակին Հայ վանօրայք ի Թուրքիա (Իզմիր, 1904) աշխատութեան մէջ։ 13. Նոյն տեղը։ 14. Նոյն տեղը։
116
«ՀԵՏԱԽՈՅԶ ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ»
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼՑԻ ԿԱՐՊԻՍ Ե. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Argumenta ponderantur, non numerantur.
Պատահականութեան մեղսակցութեամբ միայն յայտնաբերեցինք «հետախոյզ հայ մարդը»` իսթանպուլցի Կարպիս Ե. Մուրատեանը, որ հաւանաբար մեր յարգելի ընթերցողներէն շատերուն համար ալ անծանօթ անուն մը կը մնայ տակաւին։ Կարպիս Ե. Մուրատեան` որ Սուրբ Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի «Հրատարակութեանց պատասխանատու տնօրէն»ն է1, մերօրեայ Իսթանպուլի ժրաջան «մտաւորական»ներէն մէկը նկատուելուն` իրեն վստահած են Մխիթարի 300 ամեակին նուիրուած ակադեմական ու գեղարուեստական երեկոյթը բացուած յայտարարելու պարտականութիւնը։ Ան` 1976 թ. Դեկտեմբեր 15-ի իրիկունը, «մշակութասէր ընտրանի բազմութիւնը» ողջունած է «այս խորհրդածութիւններով». Չենք անգիտանար, որ Մխիթարի եւ իր Միաբանութեան երկու հարիւր տարիներու մատենագրական, լեզուական, պատմական, թարգմանական, կրթական ընդհանուր բնորոշումով մը – մտաւոր վաստակը կարելի չէ ամբողջական սեւեռումի տակ բերել ակադեմական երեկոյթներով կամ պարբերական անդրադարձումներով։ ... Եթէ պայմանները կը հարկադրեն եղածով գոհանալ կամ կարելին միայն փորձել, հետախոյզ հայ մարդը կրնայ սակայն դիմել անսպառ այն աղբիւրներուն` որոնք թաւալող երկու հարիւր ամեակներու ընթացքին դիզուած են մատենադարանային կեդրոններու եւ գրադարաններու մէջ, վկայելու համար հայ մտքի նախազարթօնքեան ճառագայթումին, ապա նաեւ մինչեւ մեր օրերու Մխիթարեան հերկին եւ հունձքին մասին2։ Իսթանպուլցի հետախոյզ հայ մարդը` «Մխիթարեան հերկին եւ հունձքին մասին» իւրովսանն վկայելու համար, «եղածով գոհանալ»ով եւ իր «կարելին միայն փորձել»ով` պատրաստած է «Մխիթարեանները հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ» ակնարկը, զոր հիւրընկալուած գտանք Հայկական Սփիւռքի համար ամսօրեայ պարբերաթերթ Հայ ընտանիքի մէջ3։ Մեր մտացի ընթերցողներուն համար` թերեւս բնական թուի, թէ «ակադեմական երեկոյթ»ի մը բացման խօսքը կատարողը` անշուշտ թէ ատակ կրնայ
117
նկատուիլ հայ մշակոյթի զարգացումին համար Մխիթարեաններու բերած նպաստին մասին արտայայտուելու։ Պիտի խնդրենք սակայն` որ կատարուած իրողութիւնը բացայայտելէ առաջ, պահ մը յամենանք հայերէն լեզուի հարուստ գանձարանին շուրջ եւ քանի մը ծանօթութիւններ քաղենք մեզ հետաքրքրող նիւթին առընչութեամբ։ Մեր լեզուի բառագանձին մաս կը կազմեն «բանագող» եւ «բանաքաղ» բառերը` որոնք երբեմն նոյն նշանակութեամբ կը գործածեն կամ կը բացատրեն բառարանագիրները4։ Բանաքաղը հին բառ մըն է` որ գործածուած է «բան գողցող ի սուրբ գրոց»5, կամ «ուրիշի բերնէն կամ գրքէն բան գողցող»6 իմաստով։ Աւելի նոր է բանագող բառը` որ մեզի ծանօթ է Հ. Մատաթիա Պետրոսեանի աշխատութենէն։ Մալխասեանց` տարբեր բացատրութիւններ կու տայ այդ երկու բառերուն մասին. ԲԱՆԱԳՈՂ. հեղինակ` որ ուրիշ հեղինակներից քաղած հաւաքածը ներկայացնում է իբրեւ իրը. «պլագիատոր»7։ ԲԱՆԱՔԱՂ. նա որ զանազան հեղինակներից քաղուածքներ է անում եւ նրանց հիման վրայ ամբողջական շարադրութիւն գրում։ Բանաքաղը ցոյց է տալիս իր աղբիւրները, բանագողը թաքցնում է։ Ամբողջացնելու համար սահմանումը` կը ներկայացնենք նաեւ «բանաքաղութիւն» բառայօդուածը. ԲԱՆԱՔԱՂՈՒԹԻՒՆ. գրուածք` որ յօրինուած է քաղուածաբար, օգտուելով ուրիշ գրական աղբիւրներից. «կոմպիլացիա»։ Բանաքաղութիւնը անպատիւ կամ յանցաւոր բան չէ8։ Ժամանակակից հայերէն լեզուին մէջ` անգլերէն literary theft-ին նմանողութեամբ, կը գործածուի նաեւ «գրագողութիւն» բառը9։ Եւրոպական կարգ մը լեզուներ որդեգրած են լատիներէն plagiarius բառը` որ մարդելոյզ, մարդագող, մանկագող, գող ստրկաց նշանակութեամբ գործածած են լատին դասական հեղինակները. միայն Valerius Martialis սպանացի բանաստեղծն է` որ տուեալ բառը փոխաբերաբար գործածած է «բանագող» իմաստով10։ Բառագիտական մեր ծանօթութիւնները կարելի է համալրել գրականագիտական երկու սահմանումներով։ Ամերիկացի գրականագէտներուն համար` Բանագողութիւնը «as a legal term, plagiarism has very sharp limits and is considered to be a clearly demonstrable use of material plainly taken from another without credit»11, մինչ սովետահայ գրականագէտները` «գրական բարոյականութեան ամենակոպիտ խախտումներից մէկը» կը համարեն12։ Իսկ Յակոբ Պարոնեանի հոգեբանական վերլուծումը` արդեօք չի՞ գերազանցեր բոլոր ըսուածները.
118
Ուրիշի մը մտքի ծնունդն սեպհականելն` լռելեայն իր անկարողութիւնն խոստովանիլ ըսել է, ուստի եւ անկարողներն են` որ միշտ գողութեամբ կը զբաղին...։ Քիչ մը երկար թուացող բացատրողական այս աշխատանքը կատարեցինք` լաւագոյնս ըմբռնելու համար իսթանպուլցի Կարպիս Ե. Մուրատեանին «հետախուզական» ձեռնարկը։ Տակաւին յիշողներ կան` տասնամեակ մը առաջ, այս սիւնակին մէջ լոյս տեսած «Մխիթարեաններու գրական վաստակը» խորագրով յօդուածը, որուն` պատուարժան խմբագրութիւնը կցած էր հետեւեալ ծանօթութիւնը. Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 1968-ի երեկոյեան, ինչպէս որ կը յիշեն մեր ընթերցողները, Գահիրէի մէջ նշուեցաւ Մխիթար Աբբահօր Ս. Ղազար կղզիին մուտքի 250 ամեակը։ Այդ հանդիսութեան օրուան բանախօսներէն մէկն էր մեր աշխատակիցներէն Մխիթարեան Սան Պր. Տիգրան Գէորգեանը։ Ստորեւ կուտանք իր խօսքը, որ փաստացի տուեալներով լի, մասնաւոր շահեկանութիւն մը կը ներկայացնէ13։ «Հետախոյզ հայ մարդ»ուն կատարած աշխատանքը առարկայապէս ապացուցանելու համար, հանդիպակաց սիւնակներուն մէջ կը ներկայացնենք միայն քանի մը հատուածներ, նախապէս լոյս տեսածը` երկիցս արտատպելը հնարաւոր չըլլալուն...։ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐԸ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Հայ ժողովուրդի իմացական շարժումի պատմութեամբ զբաղող հեղինակներու վկայութեամբ, ԺԸ. դարը նախորդող երկու դարերուն` հայ վանքերն ու վանականութիւնը մատնուած էին անշուք վիճակի մը, երկրին մէջ գոյութիւն առած համաճարակներու, սովերու եւ մասնաւորաբար Հայաստանի տիրապետութեան համար` պարսկական եւ օսմանեան «դժպետութիւններու» միջեւ մղուած յաճախակի պատերազմներուն պատճառով։
Հայ ժողովուրդի իմացական շարժումի պատմութիւնով զբաղող հեղինակներու վկայութեամբ, ԺԸ. դարը կանխող երկու դարերուն, հայ վանքերն ու վանականութիւնը մատնուած էին անշուք վիճակի մը, երկիրին մէջ գոյութիւն առած համաճարակներու, սովերու եւ մասնաւորաբար Հայաստանի տիրապետութեան համար պարսկական եւ օսմանեան պետութիւններու միջեւ մղուած յաճախակի պատերազմներուն պատճառով։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Կ. Ե. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
119
Այդ շրջանի իմացական կեանքի պատկերը տալով, Առաքել Դաւրիժեցի պատմագիրը կ’ըսէ, թէ գիրք կարդացող չկար, որովհետեւ «անպիտանացեալ էր գիրքն յաչս մարդկան»։ Գիրքերը փակուած կը մնային հողի եւ մոխիրի տակ թաղուած։
Այդ շրջանի իմացական կեանքին պատկերը տալով, Առաքել Դաւրիժեցի պատմագիրը կ’ըսէ` թէ գիրք կարդացող չկար, որովհետեւ «անպիտանացեալ էր գիրքն յաչս մարդկան»։ Գիրքերը փակուած կը մնային հողի եւ մոխիրի տակ թաղուած։
ԺԸ. դարու սկիզբը` երկու «հոյակապ անձնաւորութիւններ» ձեռք առած են հայ ժողովուրդի վերածնութեան գործը։
ԺԸ. դարուն սկիզբը երկու հոյակապ անձնաւորութիւններ ձեռք առած են հայ ժողովուրդի վերածնութեան գործը։
Հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն, նոյն ժամանակներուն մերթ ընդ մերթ ասպարէզ եկած են լուսամիտ եւ ուսումնասէր դէմքեր, որոնք ջանացած են վերականգնել հին դարերու հայ վանականութեան փառքը` հիմը դնելով Սիւնեաց Անապատի, Էջմիածնի, Նոր Ջուղայի նման վանքերու, ուր բեղուն գործունէութեամբ` քանի մը արժանաւորներ կրցած են դասուիլ անմահներու շարքը։
Առաջինը` Իսրայէլ Օրին, Ղարաբաղի ազատատենչ ժողովուրդին հետ ծնունդ տուած է Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարին։ Ղարաբաղը ապստամբած է եւ Դաւիթ Բէկ հիմնած է անկախ իշխանութիւն մը։
Երկրորդը` Մխիթար Աբբայ, Սեբաստիայէն Պոլիս եւ ապա Եւրոպա անցնելով, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզեակին մէջ վերստին ծնունդ տուած է հայ գրականութեան եւ նախնեաց լեզուին։
120
Հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն, նոյն ժամանակներուն մերթ ընդ մերթ ասպարէզ եկած են լուսամիտ եւ ուսումնասէր դէմքեր, որոնք ջանացած են վերականգնել հին դարերու հայ վանականութեան փառքը, հիմը դնելով Սիւնեաց Անապատի, Էջմիածնի, Նոր Ջուղայի նման վանքերու, ուր բեղուն գործունէութեամբ քանի մը արժանաւորներ կրցած են դասուիլ անմահներու շարքը։
Առաջինը` Իսրայէլ Օրին, Ղարաբաղի ազատատենչ ժողովուրդին հետ ծնունդ տուած է Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարին։ Ղարաբաղը ապստամբած է եւ Դաւիթ Բէկ հիմնած անկախ իշխանութիւն մը։
Երկրորդը` Մխիթար Աբբայ, Սեբաստիայէն Պոլիս, եւ ապա Եւրոպա անցնելով, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզեակին մէջ վերստին ծնունդ տուած է հայ գրականութեան եւ նախնեաց լեզուին։
Գրականութեան պատմաբանները` հայկական վերածնունդի սկզբնաւորութիւնը կապած են Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան, 1701 Սեպտեմբեր 8։
Գրականութեան պատմաբանները հայկական վերածնունդի սկզբնաւորութիւնը կապած են Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան, 1701 Սեպտեմբեր 8ին։
Մխիթարէն ետք, հայերէն լեզուի կոկումը կատարած են Հ. Միքայէլ Չամչեան եւ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեան. իսկ ամէնէն կատարելագործուած քերականութիւնը պատրաստած է Ի պէտս զարգացելոցի անգերազանցելի հեղինակը` Հ. Արսէն Բագրատունին։
Մխիթարէն ետք, հայերէն լեզուի կոկումը կատարած են Հ. Միքայէլ Չամչեան եւ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեան. իսկ ամէնէն կատարելագործուած քերականութիւնը պատրաստած է Ի պէտս զարգացելոցի անգերազանցելի հեղինակը` Հ. Արսէն Բագրատունին։
«Հայկական Վեստայի պաշտամունքին նուիրուած կամաւորներու բանակը» Մ. Սեբաստացիի գլխաւորութեամբ, վտարանդի եւ հալածական կեանք մը վարելէ ետք, 1717 Սեպտեմբերի 8ին հաստատուած է Ս. Ղազար կղզին, ուր տասնամեակներու ընթացքին` վանք, եկեղեցի, դպրոց, թանգարան եւ տպարան կառուցանելէ ետք, դարձած է` Աճառեանի հաստատումով` «հայոց ամենաբարձր ուսումնական հիմնարկութիւնը» եւ պարծանքը ամբողջ հայութեան։
ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն եւ ԺԹ. դարու առաջին քառորդին, հայ միտքին վրայ տիրապետող դէմքը կը հանդիսանար Հ. Միքայէլ Չամչեան, ազգայիններու կողմէ ճանչցուած «Երկրորդ պատմահայր Հայոց» եւ Հռոմի գիտական շրջանակներուն մօտ ալ ծանօթ եղած է որպէս «սարսափելի աստուածաբան»։
Հայկական Վեստայի պաշտամունքին նուիրուած կամաւորներու բանակը Մխիթար Սեբաստացիի գլխաւորութեամբ, վտարանդի եւ հալածական կեանք մը վարելէ ետք, 1717 Սեպտեմբերի 8ին, հաստատուած է Ս. Ղազար կղզին, ուր տասնամեակներու ընթացքին վանք, եկեղեցի, դպրոց, թանգարան եւ տպարան կառուցանելէ ետք` դարձած է, Աճառեանի հաստատումով Հայոց ամենաբարձր ուսումնական հիմնարկութիւնը եւ պարծանքը ամբողջ հայութեան։
ԺԸ. դարու երկրորդ կէսին եւ ԺԹ. դարու առաջին քառորդին, հայ միտքին վրայ տիրապետող դէմքը կը հանդիսանար Հ. Միքայէլ Չամչեան, ազգայիններու կողմէ ճանչցուած «Երկրորդ պատմահայր Հայոց», որ Հռոմի գիտական շրջանակներուն մօտ ալ ծանօթ եղած է որպէս «սարսափելի աստուածաբան»։
121
Մխիթարեաններու գրական վաստակին մէկ կարեւոր մասը կը կազմէ դասական գլուխ-գործոցներու բնագրէն թարգմանութիւնները։ Այդ մարզին մեծագոյն վարպետն է Հ. Արսէն Բագրատունին, եւ իր երկու աշակերտները` Գէորգ եւ Եդուարդ Հիւրմիւզ եղբայրները, որոնք իրեն նման եղած են ճարտար թարգմանիչներ, մեր գրականութիւնը ճոխացնելով գեղեցկագոյն գործերով։
Մխիթարեաններու գրական վաստակին կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն դասական գլուխ-գործոցներու բնագրէն թարգմանութիւնները։ Այդ մարզին մեծագոյն վարպետն է Հ. Արսէն Բագրատունին, որուն կը հետեւին իր երկու աշակերտները` Գէորգ եւ Եդուարդ Հիւրմիւզ եղբայրները, իրեն նման ճարտար թարգմանիչներ, մեր գրականութիւնը ճոխացնելով գեղեցկագոյն գործերով։
Անոր շունչով դաստիարակուած աշակերտները` ըլլայ Փարիզ թէ Վենետիկ, հետագային տիրական դէմքերը դարձած են արդի հայ գրականութեան։
Անոր շունչով դաստիարակուած աշակերտները` ըլլայ Փարիզ թէ Վենետիկ, յետագային տիրական դէմքերը դարձած են արդի հայ գրականութեան։
Ժողովրդական զանգուածին Մխիթարեան ամէնէն ծանօթ դէմքն է Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը` բանաստեղծ, գիտնական եւ դաստիարակ, որ տիրապետած է ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն գրագէտներուն վրայ։
Ալիշան իր հայրենասիրութեամբ եւ գիտութեամբ դարձած է հայութեան կուռքը, եւ երբ մեռած է «մահը ազգային սուգի մը համեմատութիւնները առաւ. ու պէտք էր որ այդպէս ըլլար», գրած է Սուրէն Պարթեւեան։
Չօպանեան հիացումով կը գրէ, թէ «Ալիշանի բանաստեղծութեանց մէջ կան էջեր, որ մտածումին խորութեամբն ու ձեւին բարդ ու նուրբ գեղեցկութեամբը` Հիւկոյի կամ Պայրընի հաւաքածոյի մը մէջ պիտի կրնային տեղ ունենալ»։ Իսկ անցեալ դարու
122
Ժողովրդական զանգուածին Մխիթարեան ամէնէն ծանօթ դէմքն է Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը` բանաստեղծ, գիտնական եւ դաստիարակ, որ տիրապետած է ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն գրական ասպարէզը։
Ալիշան իր հայրենասիրութեամբ եւ գիտութեամբ, դարձած է հայութեան կուռքը եւ երբ մեռած է, «մահը ազգային սուգի մը համեմատութիւնները առաւ. ու պէտք էր որ այդպէս ըլլար», գրած է Սուրէն Պարթեւեան։
Չօպանեան հիացումով կը գրէ, թէ «Ալիշանի բանաստեղծութեանց մէջ կան էջեր, որ մտածումին խորութեամբն ու ձեւին բարդ ու նուրբ գեղեցկութեամբը` Հիւկոյի կամ Պայրընի հաւաքածոյի մը մէջ պիտի կրնային տեղ ունենալ»։ Իսկ անցեալ դարու
կարեւոր դէմքերէն` Մ. Չերազ, «հին ու նոր հայերին առաջին քերթողը» նկատած է զայն։
Ոսկի տառերով արձանագրելու է նաեւ Լորտ Ճէյմս Պրայսի այն նկատումը, թէ մարդկային ոչ մէկ հաւաքականութիւն այնքան աշխատեր է հետախուզել ու ծանօթացնել հայ ազգին պատմութիւնը, որքան ըրած է Վենետիկի Մխիթարեան Տունը իր յարատեւ ջանքերով ու հմտութեամբ։
Հակառակ ժամանակաւոր նուաղումներու, Հայկական ճեմարանը իր գոյութիւնը եւ կենսունակութիւնը պահած է մինչեւ այսօր։ Համեստ պայմաններու մէջ կատարած է այն դերը` ինչ որ կը կատարէ այսօր Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան, պետական հովանաւորութեամբ։
«Մխիթարեաններու գործը, – ըսած է եգիպտահայ մտաւորական մը, – նախատեսուածէն շատ աւելի, մեզի կը ներկայանայ փարոսի պատկերով, որ հեռաւոր խաղաղ կղզիէ մը կը ճառագայթէ, ուղեցոյց ըլլալով մեր մտքի նաւերէն շատերուն, որոնք մութին ու մշուշին մէջ կը խարխափին, շրջապատուած բազմազան խարակներէ, հին ու նոր դարերէն։
Կրնա՞նք չդիմել անոր, երբ մթութեան ու շփոթի առջեւ գտնենք մենք մեզ»։ Ապա կը յաւելու. «Ով աւելի շատ իրաւունք պիտի ունենայ հայ միտքն ու մշակոյթը ներկայացնելու պատուով ու
կարեւոր դէմքերէն` Մինաս Չերազ, «հին ու նոր հայերին առաջին քերթողը» նկատած է զայն։
Ոսկի տառերով արձանագրելու է նաեւ Լորտ Ճէյմս Պրայսի այն նկատումը, թէ մարդկային ոչ մէկ հաւաքականութիւն այնքան աշխատեր է հետախուզելու ծանօթացնելու հայ ազգին պատմութիւնը, որքան ըրած է Մխիթարեան Տունը իր յարատեւ ջանքերով ու հմտութեամբ։
Հակառակ ժամանակաւոր նուաղումներու, Հայկական Ճեմարանը իր գոյութիւնը եւ կենսունակութիւնը պահած է մինչեւ այսօր։ Համեստ պայմաններու մէջ կատարած է այն դերը` ինչ որ կը կատարէ այսօր Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան, պետական հովանաւորութեամբ։
«Մխիթարեաններու գործը, – ըսած է եգիպտահայ մտաւորական մը, – նախատեսուածէն շատ աւելի, մեզի կը ներկայանայ փարոսի պատկերով, որ հեռաւոր խաղաղ կղզիէ մը կը ճառագայթէ, ուղեցոյց ըլլալով մեր մտքի նաւերէն շատերուն, որոնք մութին ու մշուշին մէջ կը խարխափին, շրջապատուած բազմազան խարակներէ, հին ու նոր դարերէն։
Կրնա՞նք, չդիմել անոր, երբ մթութեան ու շփոթի առջեւ գտնենք մենք մեզ»։ Ապա կ’աւելցնէ. «Ով աւելի շատ իրաւունք պիտի ունենայ հայ միտքն ու մշակոյթը ներկայացնելու պատուով ու
123
ամբողջական կերպով, քան Մխիթարեանները, համաշխարհային մշակութային շքահանդէսի մը մէջ»։
ամբողջական կերպով, քան Մխիթարեանները, համաշխարհային մշակութային շքահանդէսի մը մէջ»։
Կրնա՞նք մանաւանդ երախտապարտ չըլլալ»։
Կրնա՞նք մանաւանդ երախտապարտ չըլլալ»։
Կրնա՞նք հպարտ չըլլալ իրենց երկհարիւրամեայ փառահեղ գործովը։
Երկուքուկէս դարու գրական վաստակ մը` հաշուըուած վայրկեաններու ընթացքին, կարելի էր ներկայացնել միայն թռչնաթիռ ակնարկով մը։
Վերջացնելու համար զայն, անպայման պէտք է ըսել ամերիկացի խորհող Էմըրսընի սա բնորոշ խօսքը, թէ`
Գործը աւելի կ’արժէ, քան այդ գործին մասին ըսուած խօսքերը։
Կրնա՞նք հպարտ չըլլալ իրենց դարաւոր` այլ փառահեղ գործովը։
Երկուքուկէս դարու գրական վաստակ մը` հաշւըւած վայրկեաններու ընթացքին, կարելի՞ էր ներկայացնել միայն թռչնաթիռ ակնարկով մը։ Ի՞նչ կ’ըսէ Էմըրսըն.
- Գործը աւելի կ’արժէ, քան այդ գործին մասին ըսուած խօսքերը...։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 2 Օգոստոս 1977, 63-րդ տարի, թիւ, 17.750 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Տես` Սուրբ Փրկիչ, ամսաթերթ Հայոց Հիւանդանոցի, 1977 Ապրիլ, թիւ 330։ 2. «Բացման խօսք Տիար Կարպիս Մուրատեանի», Հայ ընտանիք, 1977 ՅունուարՓետրուար, էջ 43։ 3. Հայ ընտանիք, 1977 Մարտ-Ապրիլ, էջ 17-21։ - Հ. Մատաթիա Վ. Պետրոսեան, Նոր բառգիրք հայ-անգղիարէն, Վենետիկ, 1875-1879, էջ 90, 91։ - Նորայր Բիւզանդացի, Բառագիրք ի գաղղիերէն լեզուէ ի հայերէն, Կոստանդնուպոլիս, 1884, էջ 948։ - Ա. Մ. Սուքիասեան, Հայոց լեզուի հոմանիշների բառարան, Երեւան, 1967, էջ 112։ - Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան, Երեւան, 1969, հատոր առաջին, էջ 281։ 4. P. Emmanuel Ciakciak, Nuovo Dizionario Italiano-Armeno-Turco, Venezia, 1829, p. 588.
124
5. Հ. Մկրտիչ վրդ. Աւգերեան, Առձեռն բառարան հայկազնեան լեզուի, Վենետիկ, 1846, էջ 149։ Նոյնը` երկրորդ տպագրութիւն, 1865, էջ 168։ 6. Համառօտ բառարան ի պէտս նորավարժից, Վենետիկ, 1859, էջ 25։ 7. Ստ. Մալխասեանց, Հայերէն բացատրական բառարան, երկրորդ տպագրութիւն, Պէյրութ, 1955, հատոր առաջին, էջ 325։ 8. Նոյն տեղը, էջ 328։ 9. Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան, հատոր առաջին, էջ 445։ 10. L. Quicherat et A. Daveluy, Dictionnaire latin-français, nouvelle édition, revisée, corrigée et augmentée par Emile Chatelain, Paris, 1892 p. 1035. 11. C. Hugh Holman, A Handbook to Literature, New York: The Odyssey Press, 3-rd edition, 1972. 12. Էդ. Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, Գրականագիտական բառարան, Երեւան, 1972, էջ 43։ 13. Արեւ, 1968 Ապրիլ 8, 9, 10, 11։
125
ԱՐԱՔՍ ԿԻՍԱՄՍԵԱՆ` ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ «ՀԱՅՈՒՀԵԱՑ»ԻՆ ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ ԱՆԾԱՆՕԹ ԷՋ ՄԸ ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ Ա.
Հայ մշակութային ընկերութիւններու առաջին համապարփակ ուսումնասիրութեան մէջ, հետազօտողը` նկատի ունենալով դարերու ընթացքին մշակութային ընկերութիւններու յորջորջումը, կատարած է հետեւեալ պարբերացումը` երեք շրջափուլերով. 1. Հին շրջան` մինչեւ 1810թ., ընկերութիւնները «Եղբայրութիւն» կոչուած են սովորաբար։ 2. Միջին շրջան` 1810-1908 թ., անոնք «Ընկերութիւն» անուանուած են ընդհանրապէս։ 3. Նոր շրջան` 1908 թ. ետք, ընկերութիւնները մեծ մասով «Միութիւն» տիտղոսը կը կրեն1։ Նոյն հեղինակը` «Մշակոյթ» բառը կ’իմաստաբանէ, որպէս «մարդուն ազնըւացումն ու կատարելութիւնը` մտաւոր, բարոյական եւ ճաշակագիտական տեսակէտով»2։ Մօտաւորապէս այս գաղափարը եղած է բոլոր շրջաններու մշակութային միութիւններուն առաջադրանքը։ Մասնաւորաբար Կ. Պոլսոյ եւ հայաբնակ այլ վայրերու հետեւողութեամբ` ժամանակի պահանջներէն թելադրուած, եգիպտահայ գաղթօճախին մէջ ալ ծնունդ առած են հասարակական կեանքը աշխուժացնող քանի մը հարիւրեակ ընկերութիւններ, որոնք` համաձայն վերոյիշեալ պարբերացումին, հիմնուած են մասամբ միջին շրջանին եւ առաւելաբար նոր շրջանին։ Մեզի ուղեցոյց ընտրած պարբերացումի ծիրին մէջ` նախ կ’ուզենք ուրուագծել միայն եգիպտահայ իգական մշակութային միութիւններու ծնունդն ու կատարած կամ կատարելիք դերը, մինչեւ 1917 թուականը, եւ ապա ներկայացնել` Աղեքսանդրիոյ «Հայուհեաց Գրասէր եւ Գեղարուեստասէր Միութեան» կողմէ հրատարակուած Արաքս կիսամսեայ հանդէսին առաջին համարը, որ մինչեւ այսօր անծանօթ մնացած էր բանասիրութեան։ ***
126
Հայ մշակութային իգական առաջին ընկերութիւնը կը հիմնուի Կ. Պոլսոյ մէջ` 1847 թ.։ Յետագային, «սատարելու համար կրթական գործին կամ ամոքելու համար աղքատին ու թշուառին կարօտութիւնը»` 1859, 1861 եւ 1864 թուականներուն կը կազմուին նոր ընկերութիւններ3։ Աւելի ուշ` 1879 թ., դարձեալ օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած «Ազգանուէր Հայուհեաց» եւ «Դպրոցասէր Տիկնանց» ընկերութիւններուն նուիրաբերումը` նոր նուաճումներ արձանագրած է հայ դպրոցի պատմութեան մէջ։ Իգական սեռի յատուկ մշակութային միութեան մը` Եգիպտոսի մէջ առաջին անգամ կը հանդիպինք անցնող դարավերջին։ 1894 թ., մայրաքաղաքին հայ տիկինները կը կազմեն ընկերութիւն մը` որուն անդամուհիները կ’այցելեն Խորէնեան վարժարան եւ «աղքատ սանուհիներու համար զգեստներ շինելով երախտապարտ ոգեւորութիւն մը կը բերեն այդ դասակարգին մէջ»4։ Տեղին է նշել` թէ հայ մշակութային ընկերութիւնները «իրենց ծագումէն սկսած, եղած են օժանդակ հայ դպրոցին»5։ Դարուս առաջին տասնամեակին, Եգիպտոսի երկու գլխաւոր քաղաքներուն` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուր հայ գաղութը եկուորներով կը ստուարանար, հետզհետէ հիմը կը դրուին իգական չորս միութիւններու։ 1906թ. Սեպտեմբեր 9-ին, Գահիրէի մէջ կը հիմնուի Ուսումնասէր Արմենուհեաց Սանդուխտ Ընկերութիւնը։ «Ընկերութեանս անդամ կ’ընդունուին Հայ օրիորդները, – կը սահմանէ կանոնագրութեան երկրորդ յօդուածը, – իսկ իբր համակիր կ’ընդունուին Հայ տիկինները` վճարելով ամսական երեք ղուրուշ»6։ Նոյն տարին` դարձեալ մայրաքաղաքին մէջ կը կազմուի Հայրենասէր Հայուհեաց Ընկերութիւնը, որուն նպատակը կ’ըլլայ «Նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնել Հայ յեղափոխութեան, առանց կուսակցութեան խտրութեան»7։ 1908թ., Աղեքսանդրիոյ մէջ հիմնուած է Հայուհեաց Ընկերութիւնը, իսկ Գահիրէի մէջ Հայուհեաց Միութիւնը, «Հայաստանի հայ իգական սեռի դաստիարակութեան նուիրական գործին աջակցելու» նպատակով8։ 1913թ. Ասիութ հաստատեալ Հայուհեաց Ընկերութիւնը կը գտնենք` Նուրիցա Քէշիշեանի ատենապետութեամբ եւ Գայեանէ Նուրեանի ատենադպրութեամբ9։ Աղեքսանդրիոյ Հայուհեաց Կարմիր Խաչի Յանձնաժողովը կը վերակազմուի 1915թ. Օգոստոսի 22-ին. դիւանին մաս կը կազմեն տիկիններ Գ. Կամսարական` ատենապետուհի, Հ. Սէֆէրեան` ատենադպիր, Մ. Իփէկեան` գանձապետ, Զ. Արապեան` մթերապահ10։ Յանձնաժողովին առաջին ձեռնարկը կ’ըլլայ Փոր Սայիտ ապաստանած կիլիկեցի գաղթականներուն բաշխուելու համար, երեք հակ զգեստեղէն եւ մէկ պարկ օճառ առաքել։ Այս միութիւններու շարքին պէտք է թուել նաեւ երիտասարդական այն կազմակերպութիւնները` որոնք իրենց հիմնադրութեան օրէն եղած են երկսեռ եւ կամ յետագային միաձուլուած են իգական միութեան մը հետ։
127
Աղեքսանդրիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը ներկայացնելով` քրոնիկագիր մը կը խորհրդածէ. ... [Ա]ռիթ կ’ունենանք մէկ քանի խօսք խօսելու այս հաստատութեան վրայ, որ ժամանակէ մ’ի վեր իր վրայ խօսիլ չի տար, որովհետեւ, ինչպէս իր պաշտօնական Ազդը կ’ըսէ, «ներկայ ծանօթ հանգամանքներու եւ ազգային աղէտներու բերմամբ` հարկ դատած է ատեն մը սքօղուած մնալ եւ լռիկ ամփոփուիլ իր ընթերցասրահի համեստ այլ շինիչ գործին մէջ»։ Այս բանը պատճառ մը չէ սակայն, որ անտեսուի եւ մոռացութեան դատապարտուի այս հաստատութիւնը` որուն Աղեքսանդրիոյ համայնքին մէջ ստանձնած օգտակար դերը կասկածի ներքեւ չէ11։ Ամիսներ ետք, Վ. Թէքէեանի եւ Մ. Ոսկեանի տեղեկատուութեամբ կը կարդանք` թէ Կատարուեցաւ նոր Տնօրէն Ժողովոյ ընտրութիւնը. բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրուեցան Պ. Պ. Վ. Աբրահամեան, Է. Փափազեան, Շ. Իմիրզեան, Յ. Իսպէնճեան եւ Հրանտ Տիլէկեան։ ... Ընդհ. Ժողովը, ի վերջոյ, Միութեան պատուոյ անդամ հռչակեց Եգիպտոսի Առաջնորդ Գեր. Տ. Թորգոմ Ս. եպս.ը, ինչպէս նաեւ Տ. Յ. Մութաֆեանցն ու Տ. Տիգրան Կամսարականը, վերջացող շրջանին մէջ Միութեան իրենց մատուցած բարոյական եւ նիւթական թանկագին աջակցութիւններուն համար։ - Ամենամեծ ապշութեամբ տեսանք թռուցիկ թուղթի վրայ տպագրուած Ազդ մը, 3 փետր. թուականով եւ ստորագրուած «Առժամեայ Վարչութեան Անդամներ» Պ.Պ. Մելքի Գըլըճեանէ, Արամ Անլեանէ, Մատթէոս Փափազեանէ, Լեւոն Ազնաւորեանէ եւ Կարապետ Աշըգեանէ, որոնք կը յայտարարեն թէ «Հիմնուած է ճշմարիտ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն մը, նպատակ ունենալով ամէն կարգի միջոցներով սատարել երիտասարդութեան մտաւորական եւ բարոյական զարգացման»12։ Յաջորդող օրերուն, խմբագրական սիւնակին մէջ Վահան Թէքէեան կը գրէ. Քանի մը տարի առաջ, Աղեքսանդրիոյ մէջ ընկերութիւն մը կը կազմուի, որ իր անունը կ’ընտրէ` «Հայ Երիտասարդաց Միութիւն»։ ... Ընկերութիւնը, կազմուած պահուն, ժառանգած է լուծուած ընկերութեան մը` «Տիգրան Երկաթ Միութեան» մատենադարանը, որ, համաձայն այդ Միութեան Հիմնագրին, անոր լուծուելէն ի վեր կը մնար Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ` յանձնուելու համար – միշտ նոյն Հիմնագրին համաձայն – նոյն նպատակով Աղեքսանդրիոյ մէջ կազմուելիք ուրիշ ընկերութեան մը13։ ՀԵՄ-ը ունեցած է իր կեդրոնատեղին, որուն բացումին տեղեկատուութիւնը`
128
Արեւ հաղորդած է 1916 Ապրիլ 7-ի համարով։ 1916ի վերջին ամիսներուն, ՀԵՄ-ը հրատարակած է ֆրանսացի բանաստեղծ Անտրէ Ռիվուարի Դոյզն ձօն (L’Humble offrande) մէկ արարնոց թատերախաղը Միհրան Տամատեանի կողմէ հայկական տաղաչափութեամբ թարգմանուած։ 1915թ. հասարակական իրենց գործունէութեամբ ծանօթ տիկիններ` Զարուհի Արապեան, Զարուհի Տամատեան, Զարուհի Փափազեան, Կատարինէ Դամիկեան, Մարոյ Բաբազեան, Օր. Վարսենիկ Վարդերեսեան եւ ուրիշներ Աղեքսանդրիոյ մէջ կը հիմնեն Գեղարուեստասէր Հայուհեաց Միութիւնը14։ Տիգրան Երկաթի կողքին` իբր աջակից քոյր Միութիւն, իր համընթաց ու բեղուն գործունէութեամբ, երբ Գեղարուեստասէր Հայուհեացն ալ աչքի զարնող դիրք մը սկսաւ գրաւել Աղեքսանդրիոյ մէջ, անդամուհիներու թիւը ստուարանալով, հետզհետէ կը համախմբէր իր շուրջ նաեւ գաղութիս ընտրանի հասարակութեան պատկանող տիկիններն ու օրիորդները, որոնք մէկ սիրտ-մէկ հոգի, իրենց մեղուաջան ու անխոնջ աշխատանքով կը թեթեւցնէին այն ծանր բեռը, զոր ստանձնած էր Տիգրան Երկաթը, իրենք ալ իրենց կարգին կազմակերպելով գրական-գեղարուեստական զանազան հաւաքոյթներ, թատերական ներկայացումներ, նուագահանդէսներ, եւայլն, որոնցմէ գոյացած հասոյթով կը պահէին սաներ կամ կ’օժանդակէին կարիքաւորներուն15։ Միութիւնը` Տիգրան Երկաթի հետ իր համատեղ գործունէութիւնը շարունակած է մինչեւ 1945 թ., երբ Ընկերային-գործոց նախարարութեան նոր պահանջներուն համաձայն` կը միաձուլուին Տիգրան Երկաթ Մշակութային Միութիւն անունով։ Նոյն շրջանին գործած է Աղեքսանդրիոյ Արուեստասէր Օրիորդաց Միութիւնը, որուն հիմնադիր-տեսչուհին եղած է Աննա Ենովքեան, անոր գործակիցները եղած են` Օր. Արուսեակ Մութաֆեան, Օլկա եւ Ակլայէ Մաթոսեան։ Միութիւնը նախաձեռնած է վիճակահանութեան մը` «ի նպաստ Պօղոսեան Ազգ. Վարժարանաց կարօտ աշակերտաց ճաշի ֆօնտին». գոյացած է 2500 ղրուշ16։ Նոյն տարին` հակիրճ տեղեկատուութեան մը մէջ կը կարդանք. Երէկ, կիրակի, տեղի ունեցաւ հիմնարկութիւնը Աղեքսանդրիոյ Հայ Ակումբին` իր ընդարձակ եւ վայելչօրէն զարդարուած սրահներուն մէջ, որոնք կը գտնուին Մահմուտփաշա-էլ-Ֆալաքի փողոց, թիւ 3, րիւ Շէրիֆի վրայ։ Բաժնետէրերու անդրանիկ ժողովը, ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ, վաւերացուց իրեն ներկայացուած կանոնագիրը եւ ընտրեց Ակումբին Վարիչ Մարմինը, անոր նախագահ տալով Տ. Ալիքսան պէյ Ճէվահիրճեանը17։ Ակումբին բացման հանդիսութեան նկարագրութիւնը` Արեւ հրատարակած է 8 Ապրիլ 1916ի համարով։ Դարձեալ նոյն թուականին է, որ
129
Քանի մը ուշիմ եւ ապագայ խոստացող պատանիներու նախաձեռնութեամբ Աղեքսանդրիոյ մէջ կազմուած է Հայ Ուսանողական Միութիւն մը, որ իր նախաքայլերուն մէջ ցոյց տուած խանդավառութեամբը, մեզի յոյս կը ներշնչէ թէ` անիկա պիտի ունենայ արդիւնաւոր գործունէութիւն մը, սա եղբայրատեցութեան մոլուցքովը թունաւոր մեր կեանքին մէջ ստեղծելով առողջ, մաքուր եւ կենսազեղ մթնոլորտ մը...18։ ՀՈՄ-ի դիւանին անդամները եղած են` Աղասի Իփէքեան (ատենապետ), Հրանտ Սէքսէնեան (ատենադպիր), Հրանտ Աճէմեան (գանձապետ), Վահրամ Չպուգճեան, Յ. Չէրքէզեան (խորհրդականներ)։ Հ.Ե.Ք. Ընկերակցութիւնը ունեցած է երկարատեւ գործունէութիւն` որուն մաս կազմած է նաեւ Ովասիս ամսագրին հրատարակութիւնը։ Ժամանակի ընթացքին, Ընկերակցութեան ջանքերով լոյս տեսած են` Կրօնական եւ ազգային երգարանը, Տոքթ. Մ. Շամլեանի Մանուկներու առողջապահութիւնը եւ Պատուելի Տ. Անդրէասեանի Սուէտիոյ ինքնապաշտպանութիւնը։ Մայրաքաղաքին հասարակական կեանքին ուշագրաւ ձեռնարկներէն են Գալուստեան Վարժարանի ուսուցիչներէն յղացուած հետեւեալ երկու միութիւնները։ Լուրջ առաջադրութեամբ հիմնուած է Եգիպտահայ Գրական Գեղարուեստական Միութիւնը` որուն մասին գոյութիւն ունեցող տեղեկութիւնները շահեկան են.
ՆՊԱՏԱԿ Միութեան նպատակն է հայ գրականութեան եւ գեղարուեստներու ծնունդին սատարել թէ Եգիպտոսի եւ թէ հայրենիքի մէջ։
ՄԻՋՈՑՆԵՐ 1. Հայ միտքը ներկայացնել օտար ազգերու, եւ անոնց գրական ու գեղարուեստական գլուխ-գործոցները ծանօթացնել Հայերուն։ 2. Գրական ու գեղարուեստական ազգային լաւագոյն արտադրութիւնները քաջալերել նիւթապէս կամ բարոյապէս։
ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Միութեան անդամ կ’անուանուին Վարչական Մարմնոյն առաջարկութեամբ եւ Ընդհ. Ժողովոյ հաւանութեամբ, երկու սեռէ ամէն ազգայիններ, որ գրական կամ գեղարուեստական արժանիք մը կը ներկայացնեն։
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Նախագահ` Գեր. Թորգոմ Եպս. Գուշակեան, Ատենապետ` Տիար Յովհաննէս Սեթեան,
130
Ա. Ատենադպիր` Փրոֆ. Յ. Թ. Գայաեան, Բ. Ատենադպիր` Տ. Միհրան Յ. Աժտէրեան, Գանձապետ` Տ. Կարօ Պալեան, Խորհրդականք` Տեարք Ս. Սապահ-Գիւլեան, Սուրէն Պարթեւեան, Երուանդ Օգոստինոսեան, Արտաւազդ Հանըմեան19։ Գահիրէի Հայ Երիտասարդութեան ուղղուած կոչին մէջ` Վ. Գէորգեան (Ատենապետ) եւ Յ. Հ. Թըգըրեան (Ատենադպիր) կը յայտնեն. ... Զուտ հայկական ըլլալով, Գահիրէի մէջ գտնուող Կարմիր Խաչի, Արարատի, Միաց. Որբախնամի նման էն ազգօգուտ ընկերակցութեանց կողքին բացարձակապէս երիտասարդական ընկերակցութեան մը պէտքը հրամայական պահանջ մըն էր։ Երիտասարդական Միութիւն մը` որ հրապարակ իջնէր ժամանակի ոգիին ու պահանջքին առողջ եւ ներուժ գիտակցութեամբ, որ, մէկ կողմէ ձեռք կարկառէր մտաւոր այլասերումի եւ հոգեկան ախտաւորումի գռիհներուն մէջ հիւանդկախօրէն խարխափող կարգ մը երիտասարդներուն, միւս կողմէ փարիլ յառաջդիմութեան գործին...։ Ահա թէ ի՜նչ մտածումներ, ի՜նչ հոգեցունց ձայներ ու գալարումներ ծնունդ տուած են Գահիրէի նորակազմ Հայ Երիտասարդաց Միութեան...։ Միութիւնս` համակիր կամաւորական շարժումին եւ կարեկիր հայ տառապանքին` առանց կուսակցական եւ հոսանքի խտրութեան պիտի ջանայ միջոցներ ստեղծել սատարելու հայ տառապանքին եւ Հայ Կամաւորական շարժումին։ Միութեանս կրնան անդամակցիլ բոլոր 18-էն վեր հայ երիտասարդներ առանց սեռի խտրութեան20։ Միութեան հասցէ նշանակուած է` Գալուստեան Վարժարանը։ ՀԵՄ-ի գործունէութենէն յիշատակելի կը մնայ Նշոյլներ խորագրով գրական հաւաքածոն։ ՀԵՄ-ի կողքին կը կազմուի Հայ Երիտասարդ Տիկնանց Եւ Օրիորդաց Միութիւնը, որուն Ա. Ատենապետը կ’ըլլայ Տիկ. Էօժէնի Եալտըզճեան, Բ. Ատենապետը` Տիկ. Բէշտիմալճեան, Գանձապետը` Տիկ. Ասլանեան, անդամ` Տիկ. Թ. Պարոնիկ, Ա. Ատենադպիրը` Օր. Ա. Գէորգեան, փոխ ատենադպիրը` Օր. Ա. Մըսըրլեան, անդամ` Օր. Մ. Թաշճեան21։ Ժամանակաշրջանին մշակութային կեանքին պատկերը կ’ուզենք ամբողջացնել 1917 թ. առաջին եռամսեայի ընթացքին ծնունդ առած երեք միութիւններու յիշատակութեամբ։ Հայրենատենչ Միութիւնը կեանքի կոչուելուն առիթով` սիւնակագիր մը կը գրէ. Առտուն կանուխ արթնցողը Միութիւն մը կամ Ընկերութիւն մը կը կազմէ մեր մէջ, առանց նկատի ունենալու որ այդպիսի կազմակերպութեան մը պէտքը կա՞յ իրապէս եւ կամ իր նպատակը շօշափող արդէն կազմուած ուրիշ ընկերութիւններ գոյութիւն չունի՞ն։
131
Հայրենատենչ Միութեան կանոնագիրը, որմէ կը տեղեկանանք թէ անոր նպատակն է եղեր «սատարել մեր Հայրենիքին տառապեալ, տարագիր, գաղթական, որբ եւ կռուող քաջ կամաւորներուն» ... կը ստիպուինք դիտել տալ մեր եռանդուն երիտասարդներուն թէ «Միութիւն»ներու այսպէս անհարկի կերպով բազմապատկուիլը մեր մէջ ճշմարիտ «միութեան» պակասը կը մատնանշէ22։ Հաւանաբար նոյն սիւնակագիրն է, որ կը գրէ. Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ Ասիութի փոքրաթիւ հայ երիտասարդութիւնն ալ, ներկայիս ամբողջ եգիպտահայ ժողովուրդը կենդանացնող համերաշխական ոգիով լեցուած եւ լսելով ազգային պարտականութեան հրամայողական ձայնը, յաջողած է խմբուիլ եւ կազմել Հայ Երիտ. Միութիւն մը, որուն գլխաւոր նպատակներէն մէկն ալ է «ջանալ ըստ կարի օգնել մեր տարաբախտ հայրենիքին անհուն կարիքներուն»23։ Զակազիկի համայնքն ալ կ’ունենայ իր Հայ Երիտ. Միութիւնը` որուն ղեկավարները կ’ըլլան Գրիգոր Համբիկեանը եւ Արմենակ Սանտալճեանը։ Հայ ընկերութիւններու մեծագոյն մասին կարճատեւութեան պարագան «ցաւալի կէտ մը համարուած» ըլլալը նշելէ առաջ24, պատմութեան անմշակ մէկ մարզը հետազօտողին եզրակացութիւնը եղած է հետեւեալը. Մշակութային Ընկերութիւնները մեծապէս օգտակար եղած են մեր ազգին համար ոչ միայն նիւթապէս, այլեւ բարոյապէս։ Անոնք ապացուցած են` թէ Հայը ոչ միայն ատակ է հաւաքական գործունէութեան, այլեւ հրաշալի արդիւնք յառաջ կը բերեն անոր միութենական աշխատանքները։ Անոնք ամրապնդած են փոխադարձ վստահութիւնն ու ընկերական կապը մեր մէջ25։
Բ.
Ընդհանրապէս` մշակութային ընկերութիւններուն կամ միութիւններուն «գլխաւոր նպատակը» եղած է մեր ժողովուրդին «մտաւոր զարգացումը եւ կրթական վերելքը։ Այդ նպատակին հասնելու համար, բացի դպրոցներէ, անոնք հիմնած են նաեւ հրատարակչականներ` գիրքերու եւ թերթերու տպագրութեան համար, բացած են լսարաններ` ճառախօսութեան եւ թանգարաններ ու գրադարաններ` ընթերցումը քաջալերելու համար26։ Անցողակի տեսանք` մշակութային ընկերութիւններուն եւ միութիւններուն սատարը եգիպտահայ հասարակական կեանքին մէջ։ Անոնցմէ մէկը` Աղեքսանդրիոյ Հայուհեաց Գրասէր ու Գեղարուեստասէր Միութիւնը, իր հիմնադրութեան յաջորդ տարին կը ձեռնարկէ Արաքս կիսամսեային հրատարա-
132
կութեան` նուիրուելու համար միայն իգական սեռի յառաջդիմութեան եւ զարգացումի գործին, ենթադրելով թէ մինչ այդ «անտեսուած է» կարեւոր կէտ մը` «իգական սեռի յատուկ թերթի մը» լոյս ընծայումը27։ Որպէս իգական սեռի յատուկ թերթ` Արաքսի պատասխանատու խմբագրուհին ծանօթ է միայն Հայկանոյշ Մառքի խմբագրած Ծաղիկ հանդէսին, որ «ծաղիկի մը չափ ապրեցաւ առանց ծլարձակելու», մինչ զարմանալիօրէն կ’անգիտանայ, արդէն կէս դար առաջ` դարձեալ Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած Կիթառ ամսօրեայ հանդէսը, եւ դեռ մէկուկէս տասնամեակ առաջ` ժամանակ մը Գահիրէի մէջ լոյս տեսնելէ ետք, Աղեքսանդրիա փոխադրուած, «եգիպտահայ լաւագոյն թերթերէն»` Արտէմիսը, որ կը հրատարակուէր Գալուստեան Վարժարանի ուսուցչուհիներէն` Մառի Պէյլէրեանի կողմէ։ Սակայն բնաւ մեղադրելի չէ նորավարժ խմբագրուհին` իր սեռին վերազարթնումը բացայայտող փուլերուն անտեղեակ մնացած ըլլալուն համար, երբ ԺԹ. դարու արեւմտահայ գրականութեան առաջին պատմագիրն ալ` իր քննական տեսութեան եւ ակնարկներուն մէջ չէ յիշատակած Օր. Էլպիս Կեսարացեանի ձեռնարկը, այլ միայն յիշած է` թէ «Հայ կինը տիկին Մարի Պէյլէրեանին նախաձեռնութեամբը իր առաջին «պաշտօնաթերթ»ը կ’ունենար` Արտէմիսը, Եգիպտոս»28։ Հայ խմբագրուհիներու կեանքն ու գործը ուսումնասիրող մը հետաքրքրուած է` թէ «ե՞րբ եղած է Հայուհիին գրական կեանքի վերազարթնումը»։ Բանասէրը այդ հարցադրումին կրցած է պատասխանել պրպտելով Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդուլ ճիգերով կազմուած հայ պարբերական մամուլի ամենաճոխ հաւաքածոները։ 1847 թուականէն սկսեալ` հետազօտողը նշմարած է «հայ իգական սեռի մէջ որոշ շարժում մը գրական կեանքի ասպարէզին վրայ», որ «մերթ հոն երեւան կ’ելլեն գրական ճաշակ ունեցող հայ տիկիններ ու օրիորդներ»։ Սակայն կատարուած փորձերը «ընդհանուր եւ համատարած շարժում» չի նկատեր։ «Հայուհիին գրական կեանքի զարթնումի իսկական թուական պէտք է որոնել, ըստ մեզ, 1860-ի շուրջ»29, կ’եզրակացնէ ուսումնասիրողը եւ կ’աւելցէ. 1860 թուականը կրնանք սկզբնակէտ նկատել Հայուհիին գրական գործունէութեան ընդհանուր շարժման։ Ստուգիւ ալ կը տեսնենք` որ 1860-ական թուականէն սկսած, Հայուհին կ’աշխատակցի հայ մամուլին եւ կամ ինք կը փորձէ ձեռնամուխ ըլլալ հայերէն թերթ հրատարակելու30։ «Խելայեղ հայրենասեւեռումի օրերու» կը զուգադիպի Արաքսի հրատարակութիւնը։ Եգիպտահայ լրագրութեան իր մեծ նպաստը բերած հրապարակագիր մը` այդ օրերուն համար այսպէս կ’արտայայտուի. Ի՞նչ կերպարանք կը պարզէր Եգիպտահայը...։ Պիտի փափաքէի որ ուրիշ մը ուրուագծէր
133
հանրային-հոգեբանական այդ բնորոշ պատկերը, բայց ի՜նչ օգուտ որ այդ ուրիշը կը պակսի...31։ Որպէսզի վեց տասնամեակներու հեռաւորութենէն դիտելով` այսօր ճշգրտօրէն լուսաբանուինք «հանրային հոգեբանական» իրավիճակին մասին, իրատես հրապարակախօսին կատարած վերլուծումներէն` հարկ կը նկատենք ամփոփել քանի մը հատուածներ. Եւրոպական համաբախումին մէջ` իրաւասպան զոյգ պետութեանց կողքին, Թուրքիոյ դիւահար խիզախումը` Հայ Ազգը կը դնէր իր գոյութեան մեծագոյն ճգնաժամին առջեւ։ Արտասահմանի Հայութիւնը` բնականաբար պիտի անդոհուէր, շղթայափակ Հայրենիքին սպառնացող վտանգներու մղձաւանջէն, զանոնք կանխելու եւ դիմագրաւելու իր յանցապարտ անպատրաստութեան մէջ յանկարծակի եկած։ Եգիպտահայուն հոգեբանական պարագան, այս վերջին տեսակէտով, ամէնէն աւելի դառն ու հիասթափ բնոյթ մը պիտի ունենար32։ Ներքին ուծացումի ու տարամէտ հոսանքաւորումներու այս շրջանին` Եգիպտահայուն սթափումն ու զգայացնցումը շփոթ ու շուարուն նկարագիր մը ունեցան, քաղաքական հսկայ իրադարձութիւններու յեղակարծ ու հրամայական բռնադատումին տակ։ Անտարբեր հանդիսատեսի կրաւորական դիրքին մէջ մնալ չէր ըլլար, երբ անդին ցեղին բախտն էր որ կը դրուէր ռազմի որոտով դղրդացող հայկական սահմանագլուխներու վրայ33։ Որքան ալ պատրանքի դառնագոյն բաժակներ պարպած, որքան ալ հմայաթափ ու սկեպտիկ դարձած ըլլար իր գոյութեան վերջին քսանամեակին, Մօտաւոր-Արեւելքի ամէնէն տեսլապաշտ ու քաղաքակիրթ ցեղը գիտէր թէ ինչ ահաւոր ու անվերջ մարտիրոսացում արժած էր իրեն Պիսմարքի բացած իրաւամերժ, ուժապաշտ ու շահամոլ դարագլուխը...34։ [Հ]արցը ո՛չ քաղաքական հաշիւի մը ձեւին տակ եւ ոչ ալ միջազգային բարոյական նախընտրութիւններու կամ համակրութիւններու տեսակէտէն էր որ կը ներկայանար մեզի, որպէսզի կախում ունենար մեր ազգովին հետեւելիք ուղեգիծն ամենանուազ վտանգաւոր ուղղութեամբ որոշել35։ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ասդին` Հայոց հանդէպ «երիտասարդ-թուրք» քաղաքականութեան ուշադիր հետեւող ու իրազեկ ո՛չ մէկուն համար գաղտնիք մըն էր, թէ Իթթիհատը Սելանիկէն վճռած էր «հայկական հարցը» լուծել Հայերուն բնաջնջումովը, եւ թէ իր այս ծրագիրը գործադրութեան փառաւոր սկիզբ մը ունեցած էր արդէն 1909-ի կիլիկեան արհաւիրքներով։ Պալքանեան պատերազմին հետեւանքով Րումէլիի կորուստին վրայ` Անատոլուի «արեւելեան նահանգներուն» մէջ «հայկական րէֆորմներու» նուազագոյն ծրագրի մը հարկադրումը, եւ եւրոպացի երկու Ընդհանուր Քննիչներու` Հոֆ
134
եւ Վեսթենենկ պէյերու անուանումն ու առաքումը պէտք եղածէն շա՜տ աւելին էին Իթթիհատին կատաղութիւնը յորդեցնելու Հայութեան դէմ։ Թուրք այլամերժ ազգայնամոլութիւնն` ակռաները կրճտեցնելով, պատեհ առիթին կը սպասէր, Հայուն արիւնով միանգամընդմիշտ մաքրելու համար «հայկական րէֆորմներուն» հաշիւը։ Ու երազուած ու չգտնուած այդ առիթը` յանկարծ կու գար, կը մերկանար, իր անդիմադրելի հրապոյրներն ինքնամատոյց կը փռէր Իթթիհատի հայախանձ մոլուցքին առջեւ, համեւրոպական պոռթկումին առաջին վայրկեանէն իսկ...36։ [Կը խորհինք թէ բաւարարութեամբ նշուեցան այն շարժառիթները` որոնք եկան] թունդ հանելու համար եգիպտահայ հոգեկան լճացումը, եւ այս փաթամ գաղութը մղելու` պարագաներուն ծանրակշռութեան ու վճռականութեան համապատասխան, զգաստ, զոհաբեր ու տենդային գործունէութեան մը37։ «1900էն ետք երեւան եկած հայ արուեստագէտ գրողներու կողմէ հիմնուած կամ հովանաւորուած» եգիպտահայ թերթերու մասին թռուցիկ տեսութեան մը մէջ, այս ժամանակահատուածին համար «արուեստագէտ սերունդի շրջան» բնոմոշումը եղած է38։ Բայց, կարելի չէ հաստատել` թէ այդ սերունդին գրողները կամ հրապարակագիրները դրապէս ներգործած ըլլան Արաքսի աշխատակիցներուն աշխարհայեացքին եւ գեղագիտական ճաշակին ձեւաւորումին վրայ։ Սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ գրասէր եւ գեղարուեստասէր հայուհիներու մեծագոյն արժանիքը` ճակատագրական այդ օրերուն համար, լաւատեսութեամբ տոգորուած ըլլալն է։ Արաքս կիսամսեայ հանդէսին հրատարակութիւնը անծանօթ մնացած է հայ պարբերական մամուլի, ինչպէս եւ եգիպտահայ լրագրութեան մատենագիտութիւն կազմողներուն։ Տակաւին երկար ժամանակ կրնայինք անտեղեակ ըլլալ Արաքսի գոյութեան, եթէ մեր գաղութին ամենաճոխ անձնական արխիւին մէջ չպարզուէր հաճելի անակնկալը...։ Հայ անցեալ կեանքի հետքերը քրքրելու մեր ճիգերուն իրազեկ` Մօ. Եդուարդ Յակոբեան յօժարակամ մեզի տրամադրեց առ այժմ հանդէսին միակ օրինակը նկատուող համարը, որուն համար հրապարակով շնորհակալութիւն յայտնուելուն` կը խնդրենք իր ներողամտութիւնը։ Անտարակոյս` իր ժամանակի չափանիշով, «տենդային գործունէութեան» վկայութիւն մըն է Աղեքսանդրիոյ Հայուհեացին գրական այս ձեռնարկը, որ իրագործուած է շատ սահմանափակ հնարաւորութիւններով։ Արաքսի առաջին եւ հաւանաբար միակ համարը լոյս տեսած է Աղեքսանդրիա` 25 Օգոստոս 1916-ին։ Վիմատիպ այս հանդէսը` 21.7x33 սմ. ծաւալով, պատրաստուած է բաւական համբակ գեղագիրի մը կողմէ։ Հայ լրագրութեան ապագայ պատմաբանին օգտակար ատաղձ հայթայթելու մտադրութեամբ` կը ներկայացնենք Արաքսի բովանդակութենէն ընդարձակ հատուածներ,
135
սրբագրելով «ժամանակի սղութեան պատճառով սպրդած քանի մը սխալներ», որոնց համար խմբագրութիւնը խոստացած է յաջորդին «անոնց կրկնութենէն խուսափիլ»39։ Անուանաթերթը`
Առաջին Տարի
ԱՐԱՔՍ Կիսամսեայ Հանդէս Գեղարուեստա կան եւ Տնտեսագիտական
Հրատարակութիւն Հայուհեաց Գրասէր ու Գեղարուեստասէր Միութեան Թիւ 1
Բովանդակութիւն
Նպատակ եւ ուղղութիւն Տերեւաթափը Աւերակներու մէջ (ոտանաւոր) Ալիքներու մրմունջը Կինը Նամակ Մեռնողներու ետեւէն Կարեւոր գիտելիք Ծանօթութիւն
Խմբագրական Օր. Եւտոք Թուլումճեան Լիլա Օր. Մարի Նալչաճեան Կ-Բ. Տիկին Մաքրուհի Յ. Վարպետ Օր. Վարսենիկ Վարդերեսեան
Աղեքսանդրիա 25 Օգոստ. 1916
ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ Մեր մէջ թէեւ կէս դարէ իվեր իգական սեռի դաստիարակութեան զարկ տալ սկսուած ու այդ նպատակով ալ վարժարաններ բացուած են այլ եւ այլ վայրերու մէջ, սակայն դժբախտաբար ցարդ ակնկալուած արդիւնքը ձեռք բերուած չէ եւ կամ օր ըստ օրէ ծաւալումի եւ յառաջդիմելու պէտքը ա՛լ աւելի շեշտուած է, այնպէս որ այսօր իգական սեռի դաստիարակութիւնը այր մարդոց դաստիարակութեան չափ կարեւոր եւ անհրաժեշտ դարձած է բոլոր զարգացեալ ազգերու համար եւ ամենուրեք։ 136
²ñ³ùë ÏÇë³Ùë»³Û Ñ³Ý¹¿ëÇÝ ³Ýáõ³Ý³Ã»ñÃÁ
137
Կարի մխիթարական է տեսնել` որ իգական սեռը իր վերազարթնումի օրէն սկսեալ գիտցած է, իր կարողութեան ներած չափով, օժանդակութիւնն ու մասնակցութիւնը բերել շատ մը բարեգործական ու մարդասիրական ձեռնարկներու մերթ այր մարդոց հետ զոյգ ընթացաբար եւ մերթ առանձինն ու անջատ գործելով։ Կ. Պոլսոյ մէջ Հայ Տիկիններէ եւ Օրիորդներէ կազմուած Հայուհեաց եւ Դպրոցասէր Տիկնանց Ընկերութիւնները իրենց բացած աղջկանց վարժարաններով քիչ ծառայութիւն չեն մատուցած իգական սեռի դաստիարակութեան եւ զարգացման գործին. եւ այսօր, թէեւ սակաւաթիւ, սակայն մեր սեռին ու ազգին պատիւ բերող գրագիտուհիներ ու բանաստեղծուհիներ ունինք, նոյնիսկ եւրոպացիներէն գնահատուած (էջ 1)։ Այս ամենուն հետ միակ կարեւոր կէտը որ անտեսուած է, ցարդ իգական սեռի յատուկ թերթի մը չգոյութիւնն է եղած։ Թէեւ ժամանակին Պոլսոյ Ծաղիկը ունեցանք, սակայն այն ալ ծաղիկի մը չափ ապրեցաւ առանց ծլարձակելու։ Եւ արդ, ուրախ ենք որ Հայուհեաց Գրասէր ու Գեղարուեստասէր Միութիւնը իր հիմնած դասախօսութեանց շարքերէն զատ այս կարեւորագոյն թերին եւս լրացնելու նախաձեռնարկ կ’ըլլայ, հրատարակելով Արաքսը` նուիրուած միայն իգական սեռի յառաջդիմութեան ու զարգացման, եւ այժմէն կը յուսայ թէ ո՛չ միայն մեր քոյրերը պարտք պիտի համարին քաջալերել իր այս ձեռնարկը, այլ եւ մեր հայրերն ու եղբայրներն ալ տեսնելով` թէ ինչ բարերար յեղաշրջում կարելի է սպասել մամուլէն ու զարգացումէն, եւ որպիսի բարեշրջում առաջ կը բերեն անոնք փափուկ սեռի սրտին ու մտքին մէջ եւ վարք ու բարքին վրայ։ Նպատակ. – Արաքսի նպատակն է ծառայել ՀԱՅՈՒՀԵԱՑ ԳՐԱԿ. – ԳԵՂ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ընդգրկած ուղղութեան, այսինքն, տարածել ընթերցանութեան սէրը հայուհիներու մէջ եւ սատարել անոնց մտաւոր զարգացման ու յառաջդիմութեան գործին։ Քաջալերել սկսնակ գրագիտուհիները Արաքսի մէջ ամփոփելով իրենց գրութիւնները նոյնութեամբ կամ ի հարկին փոքր ինչ փոփոխութեամբ։ Այս կերպով կը յուսայ վարժեցնել զանոնք աստիճանաբար դէպի լաւագոյնն ու կատարեալը։ Ուղղութիւն. – Արաքս երբեք չէ ու չըպիտի ըլլայ Ազգ. եւ Քաղաք. կուսակցութեան մը օրկանը, եւ այս իսկ պատճառաւ ալ միշտ իր սիւնակները գոց պիտի պահէ այդ նպատակը շօշափող խնդիրներու շուրջ։ Պիտի պարունակէ Դասական, Գրական, Գեղարուեստական եւ Տնտեսագիտական յօդուածներ ու մանրավէպեր, միշտ նախապատուութիւն տալով իգական սեռի գրողներուն եւ անոր զարգացման սատարող գրութիւններուն։ Արդ վստահ ըլլալով որ այս նպատակով եւ ուղղութեամբ գործելով պիտի յաջողինք օր մը կինը իր արժանավայել դիրքին տիրացած տեսնել, կը նուիրուինք այս կարեւոր ձեռնարկին (էջ 2)։
138
ՏԵՐԵՒԱԹԱՓԸ. – «Սենեակին առանձութեան մէջ» ծրարուած` «Եւտոք Թուլումճեան կը մտածէ «հեռո՜ւն... հայրենի հորիզոններուն տակ մահուան խորշակէն զարնուած բիւրաւոր եղբայրներու, քոյրերու, հայրերու ու մայրերու վրայ, որոնք ցեղին մեծ ծառին վրայէն կ’իյնան...»։ Մութ է արդէն շուրջս, ձայն չկայ։ Պատուհանիս առջեւ անշարժ` գիշերին մէջ երկարող ծառերը կը դիտեմ ու տերեւները` որ կ’իյնան դեռ...։ Ալ չեմ յուզուիր անոնց վրայ ու արցունք մը չը կախուիր թարթիչներէս վար, զի Աշունէն վերջ ձմեռուան քունը կայ, որուն մէջ գարունը կը ծլի...։ Գարնան հետ` ինկող տերեւները դարձեալ պիտի գան մեր ծառերը գարդարել, մինչ հեռուն ու մեր շուրջը այսօր սա տերեւներուն հետ ինկող մարդկային կեանքերը վերադարձ չունին...։ Ու ահա ես անոնց վրայ կու լամ դառնօրէն (էջ 3, վերջին մասը)։ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ. – Լիլա կը բանաստեղծէ` Ես ալ այնտեղ ուրուական մ’եմ Լքուած, մոլար, դալկահար Կու լամ, կ’երգեմ ու կ’սպասեմ Արշալոյսի մ’արփավառ։ (էջ 4, 10րդ` վերջին տունը )։
ԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄՐՄՈՒՆՋԸ. – Մարի Նալչաճեանի բարառնութենէն` ... կռունկները ա՛լ չեն գար Տաւրոսէն կամ Սիփանէն... Սիհունի ափերէն մեզ խապրիկ մը բերելու. մթնոլորտը չի շարժիր եւ օդի հոսանք մը չի թրթռար, որուն մէջ բաղձայի լսել հայրենի զեփիւռին ցաւոտ մրմունջը... (էջ 4-5)։ ... Լուր մը. ու ալիքները գիշերին մէջ աւելի համարձակ, աւելի յստակ կու գան կ’իյնան աւազին վրայ, երկար երկար մրմնջելով ցաւագին...։ Անոնց մրմունջին մէջ աղէտին եղերավէպը կայ։ Մտիկ կ’ընեմ. փոքրիկ ալիք մը կու գայ։ – «Ես մանկան մը դիակը գրկեցի, հոն ձեր հայրենի ափերուն մօտ. անոր վէրքերը լուացի եւ իմ շրթներուս զովութիւնը անոր շրթունքին վրայ պտտցուցի, բայց ան հեռացաւ ինձմէ, աւելի զօրաւոր ալիքի յանձնուած...»։ Ուրիշ ալիք մը. – «Մայր մը ինկաւ կուրծքիս վրայ... ես գրկեցի զայն. իր զաւակը դեռ կը ճուար գրկին մէջ. լռէ, – ըսի – թշնամիները կը լսեն, լռէ՛ կը մատնուիս...։ Բայց ան լացաւ..., ու նաւակի մը մէջ... գազանի դէմքով մարդիկ եկան խլել իմ պաշտպանեալս իմ գրկէս»։ Ուրիշ ալիք մ’ալ. – «Սեւ ծովու խորքէն փրթած Կիլիկիոյ ափերը այցելելէն կու գամ... դիակներ, դիակներ. արիւն արցունք կայ ծոցիս մէջ... սիրտս լեցուն է անհուն ցաւերով. կուրծքս ուռած է յուզումով, մի խօսեցներ զիս...»։ ... Խոշոր ալիք մը ուժգնօրէն կու գայ բաղխիլ եզերքին... ես անոր մռմռացող ձայնին մէջէն կը լսեմ սա խօսքերը (էջ 5). «Կոտորա՜ծ, աւերա՜կ, եւ արիւն... բայց
139
հեռացիր ասկէ...։ Մի սգար...։ Արշալոյսը մօտ է, Կիլիկիոյ աղջիկ, թշուառ հեգ որբ. հեռացիր ասկէ եւ ըսէ տենչացող ու տառապողներուն թէ Արշալոյսին կ’ընկերանայ Յաղթանակն ու Ազատութիւնը» (էջ 6)։ ԿԻՆԸ. – Կ-Բ. շատ ամփոփ եւ իմաստալից ներկայացուցած է կին «առեղծուածը» (էջ 6)։
ՆԱՄԱԿ. – Մաքրուհի Յ. Վարպետեան` ընդունելով իրեն ուղղուած աշխատակցութեան հրաւէրը, կը գրէ. «Սրտի անհուն ցնծութեամբ կու գամ շնորհաւորել Միութեան այդ յոյժ կարեւոր ու Եգիպտոսի համար աննախընթաց որոշումը եւ անհամբեր կը սպասեմ իրագործումին։ Վսեմ նպատակ եւ օգտակար ձեռնարկ, որ կը ձգտի իգական սեռը բարձրացնել եւ մարդկութեան մէջ տալ անոր իր արժանավայել դիրքը։ Իրաւի՜, մեր սեռը դեռ շատ պէտք ունի ուսանելու, որպէս զի կարենայ ճանչնալ ու կատարել իր պարտականութիւնները, որոնք այնքան բազմաճիւղ են եւ հոգածութեան կարօտ» (էջ 6)։
ՄԵՌՆՈՂՆԵՐՈՒ ԵՏԵՒԷՆ. – Վարսենիկ Վարդերեսեան` աննկուն հայուհի մը, կը խորհրդածէ. Օր մը` սա ճամբաներուն երկայնքն ի վար, ես դիտեցի զանոնք որ կ’անցնէին շարան շարան եւ ռազմադղորդ քայլերով, Անցքը Յաղթանակին անցքն էր ժպտալի ու խրոխտ։ Մարդկային հեղեղ մը` որ կը վազէր։ Պարմանիներ սեւագանգուր, հրաչուի, եւ ծերեր իրենց ճերմակ մազերուն տակ հսկայի պէս ծառացած, հայ կոյսեր, մաքրասարսուռ երազկոտ, դրօշակներ են դարձեր։ Դէպի ո՞ւր... զուարճութեան ո՞ր ափերը. անմահական ո՞ր դալարիքներու մէջ դդջող աղբիւրներու քով` դիւրին վաստկուած յաղթանակներ տօնելու. ընկերնե՜ր, ընկերուհինե՜ր, ծերուկ հայրե՜ր ու մայրե՜ր... Ու ծփանուտ ամբոխը «Դէպի հայրենի երկի՜ր, դէպի Հայաստա՜ն» մռնչեց որոտագին։ Հայրենի երկի՜ր...։ Բոց ու հրդեհ, արիւն ու դիակ, եւ գազանային զարհուրանք... Հայաստան` որուն ծոցին մէջ տիեզերքի ամենամեծ ու սոսկալի եղեռնը դարբնուեցաւ, ուր դժոխքին դեւեր իրենց աչքերը գոցեցին, խուժդուժ մարդը ոճիրին մէջ տեսնելով, ուր ջուրերը արիւն հոսեցին եւ գետերը դիակ, հոն հողը մերժեց իր կուրծքին վրայ ինկողներուն տեղ տալ, ուր վերջապէս, քաջե՜ր, ձեր ցեղը խողխողուեցաւ...։ Անոնց վրէժը մեզ կանչ է... կռի՜ւ...։ Ու սուրերը շողացին, հրացանները մխացին եւ կուրծքերը վահանացած յառաջ քալեցին, եւ ես անոնց անցքը դիտեցի շարան շարան, ռազմատրոփ քայլերով... դէպի սահմանները հայրենի։ ***
140
Գիշերին մէջէն... փողերու ձայներ կ’առնեմ... որոտում, աղաղակ, հաւար... կռիւն է. շարքերը կը նօսրանան, դիակները կը դիզուին, արիւնը կը յորդի. բայց հերոսներու կատաղանքը երկիրը կը դողացնէ։ Օրհասներու հառաչին խառնըւած վրէժի երգը կը լսեմ... կ’երկաթանան, հոգիները կը հսկայանան եւ Յաղթանակին հաւատքը ինկողներու արիւնին մէջ մկրտուած` ամեհօրէն կը կանգնի։ Յառա՛ջ, ո՜վ իմ դիւցազնական եղբայրներս. Յառա՜ջ, ահա թշնամիին հոծ զանգուածը կը սասանի եւ վհատութիւնը զանոնք իրենց սրտէն կը զարնէ, աչքերը դէպի ետ կը նային (էջ 7)։ Զարկէ՛ք` խուճապը մօտ է, վատերու բանակները արիւնի կարմիրէն վախցած` ձեռքերնին վեր կը վերցնեն։ Զարկէ՛ք, մի՛ խնայէք, գթութիւն չկայ, անոնք չխնայեցին մեզ, չգթացին։ Զարկէ՛ք, հայ քաջե՜ր, հայրենիքը զայդ կը պահանջէ, անոր կողերը զրահապատող յաւիտենական ապառաժները զայդ կը հրամայեն։ Զարկէ՛ք, շունչ չի մնայ թող, եւ ոչ ստուեր մը թուրք յիշատակը կրող...։ Զարկէ՛ք, ատելութիւնը սուրբ է, ներումը տկար հոգիներու ախտը։ Զարկէ՛ք քաջե՜ր, ձեր մահացնող բազուկներուն ես ղուրպան (էջ 8)։
ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԻՏԵԼԻՔ. – Թուղթի կտոր մը չվառելու կերպ։ Ձմրան ընթացքին թարմ ծաղիկներ ունենալու մասին թելադրութիւններ։ ***
Հայուհեաց Գր. – Գեղարուեստասէր Միութիւնը իր իսկական նպատակը իրագործելու համար առաջին քայլերուն իսկ նիւթական ու բարոյական մեծկակ զոհողութեան դիմագրաւելով, հաստատած է հայ. ֆրանս. անգղիերէն, ձեռագործ եւ գծագրութեան դասընթացքներ որ կ’աւանդուին կարող մասնագէտներու կողմէ, անխտիր իգական սեռի բոլոր փափաքողաց ձրիապէս։ ***
Յաջորդ թուով պիտի սկսինք հրատարակել մեր տաղանդաւոր աշխատակցուհի Լիլայի մէկ նորավէպը` Բամբ որոտան (էջ 8)։ Կողքին կռնակը` Գին 1 Եգ. Ողջ Հասցէ Rédaction du journal arménien «Arax» Rue Mahmoud Pacha Falaki No. 3 Alexandrie (Egypte) ***
141
Վեց տասնամեակէ ի վեր` թէկուզ նոյնքան համեստ, Արաքսի նման գրական ճիգ մը չենք նկատած եգիպտաբնակ ուսումնական հայուհիներուն մօտ։ Աղեքսանդրիոյ Հայուհեացին նախաձեռնութիւնը` եզական երեւոյթ մը կը մնայ այդ մարզին մէջ։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 4 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.893 6 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.894 7 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.895 8 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.896 9 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.897 10 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.898 11 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.899 13 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.900 14 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.901 15 Փետրուար 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.902
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Հ. Ե. Պօղոսեան, «Պատմութիւն հայ մշակութային ընկերութիւններու», Հանդէս ամսօրեայ, 1951, թիւ 11-12, էջ 538։ 2. Նոյն տեղը, էջ 537։ 3. Հ. Եփրեմ Վ. Պօղոսեան, Հայ խմբագրուհիներ. ուսումնասիրութիւն իրենց կեանքի եւ գործի մասին, Վիեննա, 1953, էջ 7-8։ 4. Հ. Եփրեմ Պօղոսեան, «Եգիպտահայ մշակութային ընկերութիւնները», Ուսումնարան տարեգիրք, Գահիրէ, 1959-1960, Գ. տարի, էջ 18։ 5. Հ. Ե. Պօղոսեան, «Պատմութիւն հայ մշակութային ընկերութիւններու», էջ 538։ 6. Հ. Եփրեմ Պօղոսեան, «Եգիպտահայ մշակութային ընկերութիւնները», էջ 24։ 7. Նոյն տեղը, էջ 24։ 8. Նոյն տեղը, էջ 25։ 9. Արեւ, 27 Մարտ 1916։ 10. Արեւ, 24 Սեպտեմբեր 1915։ 11. Արեւ, 17 Սեպտեմբեր 1915։ 12. Արեւ, 7 Փետրուար 1916։ 13. Արեւ, 11 Փետրուար 1916։ 14. «Տիգրան Երկաթ» Հայ Մշակ. Միութիւն. Ոսկեմատեան-Յիշատակարան, Աղեքսանդրիա, 1902-1952, էջ 29-30։ 15. Նոյն տեղը, էջ 30։ 16. Արեւ, 27 Մարտ 1916։ 17. Արեւ, 27 Մարտ 1916։
142
18. Արեւ, 30 Հոկտեմբեր 1916։ 19. Արեւ, 3 Յուլիս 1916։ 20. Արեւ, 12 Յուլիս 1916։ 21. Արեւ, 5 Նոյեմբեր 1916։ 22. Արեւ, 1 Յունուար 1917։ 23. Արեւ, 2 Փետրուար 1917։ 24. Հ. Ե. Պօղոսեան, «Պատմութիւն հայ մշակութային ընկերութիւններու», էջ 543։ 25. Նոյն տեղը, էջ 540։ 26. Նոյն տեղը։ 27. Արաքս, Ա. տարի, թիւ 1, էջ 2։ 28. Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան, Գահիրէ, 1943, էջ 188։ 29. Հ. Եփրեմ Վ. Պօղոսեան, Հայ խմբագրուհիներ, էջ 6-7։ 30. Նոյն տեղը, էջ 9։ 31. Սուրէն Պարթեւեան, «Եգիպտահայ տարին», Եգիպտահայ տարեցոյցը, Գահիրէ 1916, Գ. տարի, էջ 10։ 32. Նոյն տեղը, էջ 5։ 33. Նոյն տեղը, էջ 6։ 34. Նոյն տեղը, էջ 7։ 35. Նոյն տեղը, էջ 7-9։ 36. Նոյն տեղը, էջ 9։ 37. Նոյն տեղը, էջ 11։ 38. Հ. Ժ., «Եգիպտահայ մամուլը արուեստագէտ սերունդի շրջանին», Ջահակիր, 19 Դեկտեմբեր 1963։ 39. Արաքս, Ա. տարի, թիւ 1, էջ 8։
143
ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՔՌՆԵՑԻ Ա.
Հայ քերականական միտքի զարգացումի ընթացքին պարբերացումը` ժամանակակից լեզուաբանութեան հեղինակաւոր դէմքերէն ակադեմիկոս Գէորգ Ջահուկեանի ուսումնասիրութեամբ, կը ներկայացնէր հետեւեալ պատկերը. Առաջին շրջան` յունատիպ քերականութիւններ, որոնք սկիզբ առած են Ե. դարուն` Դիոնիսիոս Թրակացիի Արուեստ քերականի թարգմանութեամբ եւ անոր հայ մեկնիչներու երկերով. այս երկարատեւ ժամանակաշրջանը շարունակուած է մինչեւ ԺԷ. դարու վերջերը։ Երկրորդ շրջան` լատինատիպ քերականութիւններ, որոնք սկսած են երկասիրուիլ ԺԷ. դարու սկիզբէն մինչեւ ԺԸ. դարու երկրորդ քառորդը։ Երրորդ շրջան` ինքնատիպ քերականութիւններ, որոնք հեղինակուած են ԺԸ. դարու վերջին քառորդէն սկսելով եւ կը հասնին մինչեւ մեր օրերը։ Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի Ինստիտուտի տնօրէնին քերականագիտական բազմամեայ հետազօտութիւններուն գիտական արդիւնքները ամփոփող այս պարբերացումը` հիմնական գիծերուն մէջ ճիշտ պատկերացում տալով հանդերձ, «իր որոշ հատուածներում (մասնաւորապէս ենթաշրջանների բնորոշման մասերում) կարիք է զգում բարեշտկումների», կը նկատէ ակադեմիկոս Լեւոն Խաչիկեանը` նոյն բնագաւառին մէջ կատարուած անդրագոյն ուսումնասիրութեամբ մը1։ «Հարկ է նախ նշել, – կը յայտնէ մեծարգոյ ակադեմիկոսը, – որ վերոյիշեալ երեք շրջանները` գիտելիքների այդ բնագաւառի օրինաչափ զարգացման արդիւնք լինելով հանդերձ, միշտ չէ, որ յաջորդել են միմեանց` որպէս ընդհանուր շղթայի իրար կապող օղակներ, մէկի վախճանով պայմանաւորուելով միւսի սկիզբը»։ «Տուեալները վկայում են, – կը հիմնաւորէ իր տեսակէտը երախտաշատ գիտնականը, – որ առանձին ժամանակահատուածներում կեանքի են կոչուել ու զուգահեռաբար գոյատեւել տարբեր ուղղութիւնների պատկանող քերականագիտական երկեր, որոնց հեղինակները յաճախ բախուել են միմեանց` կանգնած
144
լինելով գաղափարական տարբեր դիրքերի վրայ եւ առաջնորդուելով գիտական տարբեր սկզբունքներով»։ Հայ քերականագիտութեան պատմութեան մասին գրուած աշխատութիւններուն մէջ` այս եւ յարակից հարցերու դեռ բաւարար ծաւալով եւ խորութեամբ ուսումնասիրուած չըլլալը, ակադեմիկոս Խաչիկեան կը բացատրէ այն իրողութեամբ` որ տակաւին գիտական շրջանառութեան մէջ չեն դրուած կարեւոր նշանակութիւն ունեցող որոշ սկզբնաղբիւրներ, ինչպէս նաեւ մենագրական ուսումնասիրութիւններ չեն կատարուած միջին դարերու ուշ շրջանի այն քերականագէտներուն մասին` որոնք նոր ուղիներ որոնած են հայ քերականութեան յետագայ զարգացումին համար։ Միջնադարեան այդ հեղինակներէն մէկն է Յովհաննէս վարդապետ Քռնեցին, որուն Համառօտ հաւաքումն յաղագս քերականին աշխատութիւնը` դարաւոր անտեսումէ ետք, գիտական պատուանդանի վրայ կը հաստատուի եւ մասնագէտներու ուշադրութեան կը յանձնուի Լ. Ս. Խաչիկեանի2 եւ Ս. Ա. Աւագեանի3 հոգածութեամբ։ ***
Յովհաննէս Քռնեցիի համառօտ հաւաքումը` «որու հայ քերականագիտական միտքը մի նոր առաջընթաց քայլ կատարեց հայերէնի ինքնուրոյն գիտական նկարագրութեան ճանապարհին», երկասիրուած է դաւանական հակամարտութիւններու եւ ազգային երկպառակութեան տասնամեակներ տեւող ժամանակաշրջանի մը որուն մասին ընդհանրապէս խիստ ոճով արտայայտուած են հեղինակութիւն վայելող ուսումնասէրները։ Անտարակոյս, անոնց վկայութիւններով ընդելուզուած պատմական համայնապատկեր մը` պիտի թարմացնէ մեր ընթերցողներուն ծանօթութիւնները տուեալ դարաշրջանի քաղաքական եւ կրօնական իրադարձութիւններուն մասին։ Լատինականութիւնը` Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մէջ տարածւելուն մեծ միջնորդը, կ’ըլլան Ֆրանչիսկեան կրօնաւորները, որոնք արքունիքին մէջ պաշտօն ստանձնելով` եւ միաժամանակ օգտուելով լատին իշխանական ընտանիքներու հետ հաստատուած խնամութիւններէն, լատինասիրութիւնը հետզհետէ կ’աճեցնեն պալատական շրջանակին, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին մէջ` «վերջէն ուղղակի հայ եկեղեցիին մէջ մտնելու համար»4։ Արդի պատմագիտութեան տուած բացատրութիւնը` աւելի կը յստակացնէ նոյն իրողութիւնը։ Մինչեւ ԺԳ. դարու երկրորդ տասնամեակին վերջերը` Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ կաթողիկէ եկեղեցիին ծաւալած քարոզչական աշխատանքին հիմնական ծանրութիւնը ինկած էր վերոյիշեալ միաբանութեան անդամներուն վրայ։ Ֆրանչիսկեան միաբանները կը յատնուէին եւ յենակներ կը
145
ստեղծէին միջազգային տարանցիկ առեւտուրի հիմնական մայրուղիներու վրայ գտնուող այն վայրերուն մէջ` որոնք նշանակալից դեր կը կատարէին որպէս ապրանքափոխանակութեան կեդրոններ եւ կարաւանային երթեւեկի կանգառներ։ Այդ պատճառով ալ` անոնց կը յարէին հասարակական այն շերտերը, որոնք ներգրաւուած ըլլալով միջազգային առեւտուրին մէջ, անմիջական շահ ունէին եւրոպական պետութիւններու հետ տնտեսական եւ քաղաքական կապերու ամրապնդումէն։ Այսպէս` Կիլիկեան Հայաստանի աշխարհիկ եւ հոգեւոր աւատատէրերէն շատերը իրենց ազդեցութեան տակ առնելէ ետք, Ֆրանչիսկեանները դէպի արեւելք շարժելով, քայլ առ քայլ կը ներթափանցեն եւ նոր յենակէտեր կը ստեղծեն Հայաստանի առեւտրա-արհեստագործական նշանաւոր կեդրոններու, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի եւ Իրանի հայաշատ քաղաքներուն մէջ5։ Դոմինիկեան միաբաններն ալ կը սկսին դէպի Հայաստան ուղղել իրենց կրօնական արշաւանքը, մինչեւ որ 1318 թ. պապական կոնդակով մը, լատին արքեպիսկոպոս մը կը հաստատուի Արեւելեան գաւառներուն մէջ` վեց ենթարկեալ եպիսկոպոսներով, որոնցմէ Մարաղայի եպիսկոպոսը` Բարթուղիմէոս Պոլոնիացին կամ Բոտիոցին կ’ըլլայ գլխաւոր գործիչը, որուն միջոցով կը սկսի Հայաստանի Ունիթորներու կամ Միաբանողներու գործունէութիւնը6։ Այդ միաբանութեան հիմնադիրը կ’ըլլայ Յովհաննէս վրդ. Քռնեցին` «որուն նպատակն էր կենդանացնել նախնեաց կաթողիկէ հաւատքը Հռոմի հետ միանալով»7։ Նորակազմ միաբանութիւնը` զինուած «շարք մը պիտակ հեղինակութիւններով եւ իմաստակ պատճառաբանութիւններով», կը ձեռնարկէ բուռն գործունէութեան` «անարգելով ինչ որ հայածէս սովորութիւն էր, մոլորութիւն համարելով` ինչ որ հայադաւան վարդապետութիւն էր, մինչեւ իսկ անվաւեր ու չեղեալ նկատելով ինչ որ Հայ եկեղեցիէն պաշտուած խորհուրդ էր։ Բարթուղիմէոս եղաւ այդ սկզբունքներուն հիմնադիրը8։ Ահա թէ ինչու կ’ընդունուի նաեւ` որ «անուրանալի են գործուած սխալները»9։ Լատին եկեղեցիին մերձենալու ջատագովները, Կիլիկիոյ մէջ` թագաւորը եւ կաթողիկոսը, Մեծ Հայքի մէջ` Արտազի եպիսկոպոսը «դաւանաբանական եւ ծիսական տարբերութիւնները վերացնելու իրենց պահանջը հիմնաւորում էին տեսական այն դրոյթով, որ իբր հայոց եկեղեցին ի սկզբանէ անտի կաթոլիկ եկեղեցու մասն է կազմել, ուստի յետագայում առաջացած տարբերութիւնները վերացնելով` եկեղեցին վերականգնում է իր անաղարտ վիճակը։ Սակայն, ընդունելով Հռոմի պապի գերիշխանութիւնը` լատինամէտ հայ գործիչները հեռու էին այն մտքից, թէ այդ քայլերով ոտք են դնում ինքնալուծարքի ճանապարհի վրայ»10։
[Բազմերախտ եւ երանաշնորհ հայոց վարդապետները`] որոնց համար նուիրական էր իրենց հայադաւան ու հայածէս եկեղեցին եւ խիղճի պարտաւորութիւն կը զգային
146
անոր պաշտպանութեան աշխատիլ, կարեւոր տեսան հակառակորդներուն աղբիւրները ճանչնալ, անոնց լեզուին հմտանալ, անոնց գիրքերուն ծանօթանալ, անոնց պատճառաբանելու ձեւերը որդեգրել, որպէսզի կարենան հաւասար զէնքերով անոնց դէմ պայքարիլ։ Այս կերպը ոմանց համար իբրեւ ազդու միջոց կը ծառայէր իրենց վարդապետութիւնը, ծէսն ու կանոնները հակառակորդներուն զրաբանութեանց դէմ պաշտպանելու, բայց ոմանց ալ գայթակղութեան առիթ կ’ըլլար, արուեստակեալ ձեւերէն հրապուրուելով ունիթորներու կողմը անցնելու, եւ իրենց օրինակով` ժողովուրդն ալ գայթակղեցնելու11։ Ընդարձակելով իրենց ազդեցութիւնը` դոմինիկեանները «օտար լեզուի հետ Արեւելքի անծանօթ դպրոցական ուսմանց ասպարէզը կը բանային հայերուն առջեւ, եւ ատոնք ալ իրենց բնական անյագ տենչանքով` համարձակ կը մտնէին որեւէ զարգացման օգնող դուռնէն ներս, նոյն իսկ շատ անգամ առանց դիտելու` թէ ուր պիտի տանէր զիրենք ընդգրկած ճամբանին»12։ Վայոց ձոր գաւառի Գլաձոր անուանեալ գերահռչակ ուխտին երջանիկ վարդապետը Եսայի Նշեցին, որ մեծ համբաւ ստացած էր իբրեւ վարդապետաց վարդապետ, 1328 թ., իր ձեռնասուններէն Քռնեցի Յովհաննէս վարդապետին կը յանձնարարէ երթալ Մարաղայի Բարթուղիմէոս եպիսկոպոսին մօտ` պարզելու համար, թէ «որպիսի իցէ վարդապետութիւն նորին»։ Պատմական իրողութիւնը հարազատօրէն իմանալու համար, թողունք որ Յովհաննէս Քռնեցի ինք պատմէ իր վարդապետական կեանքին գլխաւոր դրուագները` մասնաւորաբար Մարաղա կատարած առաքելութիւնը եւ յետագային հիմնած դպրոցին մանրամասնութիւնները13. Ես` Յովհաննէս Քռնեցի, ուսած ըլլալով Հայաստանի շատ նշանաւոր Եսայի մեծ Վարդապետին դպրոցը, իր ձեռքէն գաւազան ստանալէ ետք, լսեցի հայ ազգին անթիւ սխալներու մէջ մխրճուած ըլլալուն մասին։ Անդադար խոկացի անոնց մասին, որովհետեւ մեծ փափաքով մը բոցավառ` կ’ուզէի իրական փրկութեան դարձած տեսնել ազգն։ Նպատակս իրագործելու համար, Հռոմի սուրբ եկեղեցիին միանալու փափաքը յղացայ` լատիններու օգնութիւնը հայցելով։ Առանց յապաղելու սկսայ փնտռել առաքելական քարոզիչներէն մէկը։ Դիպուածով հասայ Մարաղա քաղաքը` Դաւրէժ մեծ քաղաքէն 36 ասպարէզ հեռու։ Հոն հասնելով` գտայ Սուրբ Դոմինիկոսի կարգէն Տէր Բարթուղիմէոսը, խոհեմ եւ սրբութեամբ լի մարդ մը. իմաստութեան այս աղբիւրէն իբրեւ պապակած եղջերու մը յագեցայ, մէկուկէս տարի մնալով անոր մօտ։ Պարսիկ թարգմանի մը միջոցով` նոյն ժամանակամիջոցին, մենք լատիներէնէ հայերէնի թարգմանեցինք Եօթը խորհուրդներու գիրքը14 եւ ուրիշ շատ գիրքեր։ Այս բոլորէն վերջ, աւելի խոր համոզում գոյացնելով` վճռեցի վերջնականապէս յարիլ հռոմէական սուրբ եկեղեցիին։ Սակայն հոգիս կը կսկծար տակաւին, որովհետեւ կը գիտակցէի` թէ ոչ միայն անձիս փրկութեան պատասխանատու էի, այլ նաեւ բոլոր մերիններուն։ Ասոր համար հետս բերի Տէր Բարթուղիմէոսը եւ զինք առաջնորդեցի Քռնա աւանը`
147
ուր կը գտնուէին դասընկերներէս քանի մը վարդապետներ, որոնք հետեւեալներն են. Օծոպ գիւղէն` Մարգարէ վրդ., Քռնա գիւղէն` Յակոբ վրդ., Եօթնաղբիւր գիւղէն` Հայրապետ վրդ., Բասեն գիւղէն` Սիմէոն վրդ., Տարսոն նահանգէն` Ներսէս վրդ., Արտազ գաւառէն` Առաքել եւ Լալ վարդապետներ, Ապրակունեաց գիւղէն` Գրիգոր վրդ., Կաղզուան նահանգէն` Կոստանդին եւ Յովհաննէս վարդապետներ, Խաչ նահանգէն` Սիմէոն վրդ., եւ ուրիշներ` որոնց անունները գրուած են Կեանքի գիրքին մէջ։ Ասոնք բոլորը` որոնցմէ շատերը եպիսկոպոսական աստիճանի բարձրացան վերջը, Հռոմի քահանայապետին հնազանդութիւն խոստացան ոչ միայն իրենց անձին` այլ նաեւ իրենց վանքերուն եւ վիճակներուն համար։ Որով` այս սինոտէն վերջ, բոլորս սկսանք քարոզել Հայաստանի տարածքին, Հռոմի եկեղեցիին միանալու անհրաժեշտութեան մասին` հոգիներու փրկութեան համար։ Արդիւնքը եղաւ այն` որ Ունիթոռներու մեր միաբանութիւնը օր ըստ օրէ ծաւալեցաւ, մինչ Տիրոջ օգնականութեամբ` հաւատացեալներու թիւը կ’աճէր։ Որքան հաւատքի մէջ հաստատուեցանք եւ լատիներէնէ գիրքեր թարգմանեցինք, այնքան աւելի մեր հոգիները լուսաւորուեցան եւ աւելի ցայտուն կերպով երեւցան մեր ազգին սխալները։ Միութեան իրագործումին յաջորդող երրորդ տարին` 1333 թ. Աստուծոյ երանելի մարդը` աստուածաբան եւ բարի հովիւ Բարթուղիմէոս, իմաստութեամբ եւ սրբութեամբ լի, մեծ ու պարտադրող ճիգերէ ետք, վերացաւ առ Քրիստոս։ Իր մահէն յետոյ, միութեան հաւատարիմներուն թիւը աւելի եւս շատցաւ, բայց նոյն չափով ալ բազմապատկուեցան հալածանքներու եւ ճնշումներու փորձութիւնները։ Այն ատեն էր, որ յանձն առի ճամբորդութիւնը դէպի հռոմէական մայրաքաղաքը։ Հոն տեսայ եւ լսեցի այնքան եւ այնպիսի բաներ, որ հարիւր անգամ աւելի համոզուեցայ մեր հաւատքի ուղղափառութեան վրայ։ Համոզուեցայ` որ մեր ազգը Քրիստոսի ուղիղ ճամբան ձգած է, եւ մեր վանական եկեղեցականներն ալ` սուրբ հայրերուն կանոնները։ Անոնց քով գոյութիւն չունէր ո՛չ կարգ եւ ոչ ալ կանոն. չկար աղքատութեան եւ հնազանդութեան ուխտ, այլ իւրաքանչիւրը կը զբաղէր վաճառականական եւ վաշխառուական գործերով։ Նկատելով որ լատինները այս բոլորը ունէին, փափաքեցայ սրբագրել մեր եկեղեցականներուն թերութիւնները։ Տիւ եւ գիշեր կը մտածէի` ի՞նչպէս կրնայի վերահաստատել վանքերն ու անոնց կանոնները։ Ահա թէ ինչու` արեւելք վերադարձէս ետք, ընկերներուս հետ փափաք յայտնեցի ընդգրկելու կրօնական կեանքը` ըստ Ս. Օգոստինոսի կանոնին եւ Դոմինիկոսի կազմակերպութեան, զոր որոշած էինք ընդունիլ իբր հայր, հիմ եւ սկիզբ մեր միաբանութեան։ Մեր ուխտադրութեան առիթով` ի ձեռն լատին Տէր Յովհաննէսի, որ իբր Թիֆլիսի եպիսկոպոս` լիազօրուած էր Հռոմի պապէն, ես ընտրուեցայ նահանգային մեծաւոր մեր ունիթոր միաբանութեան։ Որովհետեւ Ս. Դոմինիկոսի կարգին Քարոզիչ Եղբայրները եղած էին առաջին պատճառ եւ սկիզբ մեր ճշմարիտ հաւատքի դարձին ու մեր եկեղեցականներու բարեկարգութեան, այդ պատճառով ալ` մեր ընկերութիւնը հիմնուեցաւ իրենցինին վրայ։
148
Նկատի ուենալով` որ մեր միաբանութիւնը հիմնուած էր գլխաւորաբար հռոմէական սուրբ եկեղեցիին հետ միանալու համար, այս նպատակով անիկա առաւ «Ունիթորներու Միաբանութիւն» անունը15։ Ներկայացուած միարարական ճիգերուն մասին «դրուատական խօսք» ըսողները շատ քիչ եղած են. անոնց մեծագոյն մասը, ազգային եկեղեցիին համար ինքնալուծարքի ուղին ընտրած եւ կաթողիկէ եկեղեցիին բոլորանուէր ծառայագրուած այս գործիչը` իրաւամբ համարած է այս ժողովուրդին ազգային շահերուն դաւաճան, – կը բացատրէ ակադ. Խաչիկեան։ Այս պատճառով ալ, մերժելով Յովհաննէս Քռնեցիի եւ անոր կուսակիցներուն գործունէութեան շարժառիթները եւ բուն նպատակը` հայ բանասիրական միտքը բաւարար ուշադրութիւն չէ դարձուցած մշակոյթի մարզին մէջ անոնց կատարած աշխատանքներուն վրայ, մինչդեռ Եւրոպայէն Հայաստան առաքուած կաթողիկէ քարոզիչները եւ անոնց հայ հետեւորդները իրենց գաղափարական դիրքերու ամրապնդումը նկատի ունենալով, ծաւալած են նաեւ գիտական եւ գրական աշխոյժ զործունէութիւն, ստեղծած թարգմանական եւ ինքնուրոյն գրականութիւն, – կ’ընդունի մեծարգոյ ակադեմիկոսը16։ Ունիթորներու դարաշրջանի մտաւոր բարձր վերելքը, ինչպէս նաեւ անոնց կատարած պատմական դերը վերլուծուելով, «դրուատական» հպանցիկ ակնարկով մը կը բացայայտուին` թէ անոնք Հռոմի պապին քաղաքական ազդեցութիւնը տարածողներ (կամ թերեւս լրտեսներ) եղած են. սակայն, պէտք չէ ուրանալ նաեւ անոնցմէ ոմանց կատարած մշակութային դրական գործը, նոյնիսկ թարգմանչական գործունէութիւնը` որ առարկայօրէն նպաստեց հայերուն եւրոպական մշակոյթին հետ ալ ծանօթանալու17։ Սքոլաստիք հեղինակներէ կատարուած ունիթորական թարգմանութիւնները` որոնք միջին դարերու հայ մտածողներուն համար ուսանելու աղբիւրներ կը հանդիսանան, ցոյց կու տան որ յունարէն լեզուն եւ հելլէն մշակոյթը` ժամանակակից իմացական շարժումին հետ համընթաց մնալու համար այլեւս բաւարար չէին նկատուեր, անհրաժեշտ էր շփում հաստատել նաեւ լատին մշակոյթին հետ` իւրացնելով անոր դրական կողմերը18։ Ունիթորական թարգմանութիւններուն ակնարկելով, հայաստանեայց եկեղեցւոյ վարդապետ մը կը նշէ անոնց «էքիւմենիք» ոգին` որ Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն է, ի հեճուկս մերօրեայ կարգ մը եկեղեցական պատմաբաններուն, որոնք յաճախ իրենց փութկոտ հաստատումներով` մեր եկեղեցիին քրիստոնեայ աշխարհէն «մեկուսացում»ը, եւ ազգայնական ուժեղ զգացումի պատճառով ալ` ինքնուրոյնութեան մշտական ձգտում կը նկատեն19։ Նոյն կարծիքը աւելի համապարփակ ներկայացուցած է «գաղափարապաշտ» Միաբանող Եղբայրներու գործունէութեան եւ թարգմանական աշխատանքնե-
149
րուն լաւագոյն գիտակ դոմինիկեան կրօնաւոր մը` որուն անկողմնակալ դատումներէն կը քաղենք յետագայ գնահատականը. Պէտք չէ անտեսել արժանիքները` զորս Միաբանողները ունեցան հանդէպ հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին։ Եւ այդ նրբին գործով որ աշխատեցան քրիստոնէական եկեղեցիներու միաբանութեան։ Քրիստոս իր կտակի աղօթքին մէջ կը բաղձայ` որ իր բոլոր հաւատացեալները միացած ըլլան իրարու. լաւագոյն քրիստոնեաները ամէն ժամանակ ցաւով դիտած են Քրիստոնէութեան բազմաթիւ բաժանումներն ու պառակտումները։ Նաեւ մեր օրերուն շատ մեծ է փափաքը եկեղեցական ընդհանուր միաբանութեան։ Այս դարուս երեւան ելած են կաթողիկէ կրօնաւորական միաբանութիւններ, որոնց մասնաւոր նպատակն է աշխատիլ եկեղեցիներու միաբանութեան։ Անոնցմէ մէկն է Պելճիքայի պենետիկդեաններու կարգը, որ կը հրատարակէ Իրենիգոն միութենական ամսագիրը։ Այն իրողութիւնը, թէ Միաբանող Եղբայրները` ասոնցմէ վեց դար առաջ նոյն գաղափարականը հետապնդած են ԺԴ. դարուն առաջին կէսին, փառքի տիտղոս մըն է ամբողջ Հայ Ազգին համար։ Միաբանողները հիանալիօրէն արդիական էին իրենց ժամանակին։ Անշուշտ սխալներ գործեցին, ինչպէս յաճախ կը պատահի Եկեղեցւոյ մէջ նոր ձեռնարկներ հետապնդողներուն։ Անոնք կատարեցին խարխափումներ ու փորձեր` որոնք ձախողեցան։ Երբեմն հարկադրուեցան պայքարիլ ցհեղումն արեան իրենց ժամանակին ու շրջանակին պահպանողական մտքերուն դէմ։ Բայց մեծ ու ազնիւ էր իրենց նպատակը»20։
Բ.
Ներածական յօդուածով` ակադեմիկոս Խաչիկեան յաջողած է ըստ արժանւոյն գնահատել այն դերը, որ միջնադարեան Հայաստանի գիտութեան զարգացումին սատարած են եւրոպական սքոլաստիզմի մեծ ներկայացուցիչներու քանի մը երկերուն թարգմանութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան առաքուած լատին քարոզիչներու եւ հայ գիտնականներու համագործակցութեամբ իրագործուած իմաստասիրական աշխատութիւնները։ Մենագրական յատուկ ուսումնասիրութեան արժանի այս նիւթը` կը փորձենք խտացնել իր հիմնական գիծերով։ Մինչեւ ԺԴ. դարու 30ական թուականները` հայ գիտական միտքը սնած էր հելլէն գրականութեան այն փշրանքներով, որ շրջնառութեան մէջ դրուած էր յունաբան դպրոցին գիտնական-թարգմանիչներուն կողմէ, Ե.-Ը. դարերու ընթացքին։ Եւրոպայի նման, միջին դարերուն Հայաստանի մէջ Արիստոտէլի գործերէն ծանօթ էին Ստորոգութիւնք եւ Յաղագս մեկնութեան աշխատութիւնները։ Հեղինակութիւն կը վայելէր նոր պղատոնական մեկնիչ` Պորփիւրի Ստորոգութեանց
150
ներածութիւնը։ Շատ տարածուած էին նաեւ վերոյիշեալ աշխատութիւնները, որոնց մէկ մասին հեղինակն է Դաւիթ Անյաղթը։ Զ. դարուն թարգմանուած են Պղատոնի երկախօսութիւններէն մէկ քանին, որոնք սակայն մեծ տարածում չեն գտած։ Հայ իմաստասիրական միտքի կազմաւորումին համար զգալի դեր կատարած են Փիլոն Աղեքսանդրիացիի տասնչորս աշխատութիւններուն թարգմանութիւնները` որոնցմէ շատերուն բնագրերը չեն պահպանուած, Զենոնին եւ Հերմէս Եռամեծին վերագրուած իմաստասիրական երկերը։ Հելլէն միտքի նուաճումներուն հաղորդակից դառնալու հնարաւորութիւններ ընձեռած են նաեւ ճարտասանական եւ քերականական արժէքաւոր թարգմանական աշխատութիւններ, յատկապէս Դիոնիսիոս Թրակացիի Արուեստ քերականի աշխատութիւնը, որ Ե. դարու վերջերը թարգմանուելով, մինչեւ ուշ միջնադար, բազմիցս մեկնաբանուած է հայ քերականներու կողմէ, բարձրագոյն դպրոցներուն համար քերականագիտական գլխաւոր դասագիրքը հանդիսանալով։ Բնագիտական արժէքաւոր տեղեկութիւններ հաւաքուած էին Նեմեսիոս Եմեսացիի Յաղագս բնութեան մարդոյ աշխատութեան մէջ, որ թարգմանուած է Ը. դարու սկիզբը։ Հայ ընթերցողը, հին գիտութեան որոշ նուաճումներուն հաղորդակից կը դառնար եկեղեցական հայրերու` Բարսեղ Կեսարացիի, Գրիգոր Նիւսացիի, Յովհան Ոսկեբերանի, Կիւրեղ Աղեքսանդրիացիի եւ ուրիշ հեղինակներու ալ միջնորդութեամբ։ Զարգացած աւատատիրութեան ժամանակաշրջանը թեւակոխած Հայաստանի մէջ` Ժ.-ԺԱ. դարերուն մատենագրական աշխատանքով կը սկսին զբաղիլ նաեւ աշխարհական մարդիկ, որոնք կը փորձեն ընդարձակել ու խորացնել ընթերցողին մատչելի գիտելիքներու ծաւալը` նոր թարգմանութիւններ կատարելով հին յունական, բիւզանդական եւ արաբական գրականութիւններէն։ Իմաստասիրականէն զատ` կը թարգմանուին նաեւ բժշկական, աստղաբաշխական, քիմիական, գիւղատնտեսական, ձիաբուծական գրուածքները` որոնք կ’ընդարձակեն գիտական գրականութեան սահմանները։ Նշանաւոր գիտնական Յովհաննէս Երզնկացին կը ձեռնարկէ արաբական իմաստասիրական երկերէ` նիւթի, տեսակի, լինելութեան եւ ապականութեան մասին քաղուածքներ թարգմանելու աշխատութեան։ Եւրոպական երկիրներու մեծ քաղաքներուն մէջ կը հիմնուին համալսարաններ, որոնք կը տարբերին միջնադարեան վանական դպրոցներէն` լայն տեղ յատկացնելով իմաստասիրութեան, իրաւագիտութեան, բժշկութեան եւ գիտական այլ առարկաներու դասաւանդումին։ Սպանիոյ արաբներու եւ հրեաներու միջնորդութեամբ, եւրոպական գիտական միտքը հաղորդակից կը դառնայ նաեւ արաբական իմաստասիրութեան հարուստ գրականութեան։
151
Շրջանառութեան մէջ նոր դրուող դասական իմաստասէրներու աշխատութիւններէն` միջնադարեան գիտնականները բնական եւ հասարակական երեւոյթներու մասին կը քաղեն արժէքաւոր տեղեկութիւններ, որոնք կը տարբերէին եւ կը հակասէին Աստուածաշունչի կարգ մը դրոյթներուն։ Հակա-եկեղեցական գաղափարները լայն տարածում կը գտնեն յատկապէս քաղաքներու մէջ։ Կաթողիկէ եկեղեցին կը ճնշէ հերետիկոսական շարժումները եւ կը փորձէ արմատախիլ ընել անոնց գաղափարները։ Կը հիմնուին նոր տիպի վանական կազմակերպութիւններ` Ֆրանչիսկեան եւ Դոմինիկեան միաբանութիւնները, որոնց անդամները դուրս գալով իրենց խուցերէն, կը մտնեն կեանքի յորձանուտին մէջ, կատաղի պայքար մղելով աղանդաւորական եւ ազատամիտ գաղափարներու դէմ։ Երկու միաբանութիւններն ալ հաւասարապէս կ’օգտագործէին հաւատաքննութիւնը եւ սքոլաստիքան` որ թէեւ զուտ ձեւական-տրամաբանական փաստարկներով հիմնաւորելու անպտուղ արհեստ մըն էր, սակայն միաժամանակ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէր ձերբազատուելու եկեղեցական հայրերու գրուածքներուն կաշկանդիչ կապանքներէն։ Սքոլաստիքային զուգընթաց` Եւրոպայի մէջ կը ծաղկէր նաեւ միստիքականութիւնը։ Եկեղեցական գաղափարախօսութեան այս թեւին պատկանող գործիչները` նոր պղատոնական փիլիսոփայութեան աւանդներուն հետեւելով, ինքնահայեցողութեան ճամբով կը ձգտէին անհատը առաջնորդել դէպի երանելի համաձուլումը` աստուածութեան հետ։ Լատինական դաւանանքով վարակուած բազում տեղերէն մասնաւոր նշանակութիւն կը ստանայ Արտազի շրջանը` Թադէոս առաքեալի վանքով եւ Ծործորի դպրոցով, որոնք կը գտնուէին կաթողիկէ եկեղեցիին հետ սերտ միութիւն ստեղծելու ջատագով Զաքարիա Ծործորեցի եպիսկոպոսին աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ։ Այս եռանդուն գործիչը` Ֆրանչիսկեան միաբան Ֆրա Պոնցիուսի եւ Յովհաննէս Ծործորեցիի նման վարդապետներ համախմբելով, ձեռնամուխ կ’ըլլայ սքոլաստիքայի նշանաւոր ներկայացուցիչներու երկերուն թարգմանութեան, որով հիմը կը դրուի մշակութային այն գործունէութեան, որ աւելի լայն ծաւալ պիտի ստանար Քռնայի վանքին մէջ, Դոմինիկեան քարոզիչներու ջանքերով։ Այդ դպրոցին գաղափարական աշխատանքներուն ղեկը կը գտնուէր Բարթուղիմէոս Մարաղացիի ձեռքը։ 1330 թուականէն կը սկսին թարգմանել կամ համագործակցաբար յօրինել Պրեվիար, Միսալ, Տիուռնալ, կանոնական հրահանգներ, աղօթագիրքեր, դաւանաբանական գրուածքներ, որոնք մեծ մասով զուրկ են գիտական որեւէ նշանակութենէ, բայց դատաստանագիրքերը, քարոզգիրքերը, աստուածաբանական աշխատութիւններն ու մեկնութիւնները, իմաստասիրական ու բնագիտական երկերը ուշագրաւ տուեալներ կը պարունակեն
152
ժամանակակից կեանքի պատմա-քաղաքական, ընկերային-տնտեսական երեւոյթներուն ուսումնասիրութեան համար, միաժամանակ նոր լոյս կը սփռեն այն ուղիներուն վրայ` որով զարգացած աւատատիրութեան ժամանակաշրջանի հայ գիտական միտքը հնարաւորութիւններ ձեռք կը բերէ հաղորդակցելու դասական գրականութեան եւ իմաստասիրութեան աւանդոյթներուն, զգալի չափով կ’ընդարձակէ հետաքրքրութեան իր շրջանակները եւ կը համալրէ բնական եւ հասարակական երեւոյթներու մասին դարերու ընթացքին կուտակած գիտելիքները։ Այս աշխատութիւնները` Քռնայի ունիթորական միջավայրին մէջ ստեղծուելով, անոնց ուսումնական եւ հոգեւոր կարիքներուն համար, շուտով դուրս կու գան այդ սահմաններէն եւ կը տարածուին հայ լուսաւորչական գիտականուսումնական կեդրոններուն մէջ, Քռնայի մատենագիրներուն արգելքներուն հակառակ։ Քռնայի դպրոցին իմաստասիրական գործերուն մեծագոյն մասը, շուտով մուտք կը գործէ հայկական ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւնները, կը մեկնաբանուին հայ րաբունապետներուն կողմէ եւ անոնց միջնորդութեամբ հայ ուսումնական կեդրոնները կը ներթափանցեն բնական եւ հասարակական երեւոյթներու մասին հին աշխարհէն ժառանգած նոր տեղեկութիւններ, որոնք ԺԲ.-ԺԳ. դարերու ընթացքին տարածուած էին Եւրոպայի մէջ եւ իւրացուած սքոլաստիքայի նշանաւոր ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Դաւիթ Անյաղթի եւ Անանիա Շիրակացիի ժամանակներէն անցած էին երկար դարեր, որոնք գիտական միտքի առումով մեծ արդիւնքներ չէին բերած։ Այս թարգմանութիւններուն շնորհիւ` հայ գիտական շրջանները նոր հնարաւորութիւն կը ստանան ծանօթանալու հին գիտութեան նուաճումներուն։ Բարթուղիմէոս Մարաղացին` այլ աշխատութիւններու շարքին, Յակոբ թարգմանի օժանդակութեամբ հայերէն լեզուով կը շարադրէ Յաղագս վեցօրեայ արարչութեան խորագրով ընդարձակ մեկնութիւնը` վկայակոչելով յոյն իմաստասէր-գիտնականները, միջնադարեան մատենագիրները, քաղուածքներ ընելով Արիստոտէլի տասնէ աւելի աշխատութիւններէն` որոնք հայ ընթերցողին համար յայտնագործութիւն էին։ Բարթուղիմէոսի այս երկով միայն բնագիտական տարբեր հարցերու մասին որքան հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը գրանցուին եւ լայն շրջանառութեան մէջ կը դրուին։ Հեղինակը մանրամասնօրէն կ’անդրադառնայ մարդուն ուղղահայեաց կեցուածքի հարցին, կը յանգի այն եզրակացութեան, թէ այդ կեցուածքը հնարաւորութիւն տուած է անոր ճանչնալու երկնային եւ երկրաւոր մարմինները, ի տարբերութիւն կենդանիներուն` որոնք իրենց ի «յերկիր կորացեալ» երեսով չեն կրնար շրջապատը լայն հորիզոնով դիտել։ Ան կը նկատէ` որ մարդը եթէ կենդանիներու նման «կորացեալ յերկիր» ըլլար, ստիպուած պիտի ըլլար ձեռքերը օգտագործել «ի տեղի առաջագնաց ոտիցն»,
153
ուստի պիտի չկրնար ձեռքերով գործ կատարել։ Նոյն պատճառով` բերանով պիտի քաղէր կերակուրը, ուստի կ’ունենար «պինդ եւ ստուար» շրթներ, չէր կրնար խօսիլ եւ բանաւոր կենդանի դառնալ։ Միջնադարեան հայկական գիտութեան զարգացումին համար դրական նշանակութիւն կ’ունենան Բարթուղիմէոսի եւ իր ընկերներուն աշխատութիւններէն շատերը, մասնաւորաբար Յովհաննէս Քռնեցիի Համառօտ հաւաքումն յաղագս քերականին, որով հայ քերականական միտքը կը խզէ իր հազարամեայ կապանքները, դուրս կու գայ փակուղիէն եւ հայերէն լեզուի իսկական քերականութիւն դառնալու ընթացքին մէջ կը մտնէ։ Մինչեւ Յովհաննէս Քռնեցիի քերականական գիտական աշխատութեան մը նախաձեռնարկ ըլլալը` հայ քերականագիտական միտքը արդէն աստիճանական նուաճումներ կատարած էր, Գլաձորի համալսարանի ղեկավարներու նախաձեռնութեամբ։ Քերականութեան ուսուցումը դիւրացնելու առաջադրանքով` հանդէս եկած էին գործնական բնոյթով աշխատութիւններ, նախորդ վերացական մեկնութիւններուն փոխարէն։ Այսպէս, 1307 թ. առաջ Եսայի Նշեցիի երկասիրած Վերլուծութիւն քերականութիւնը` բարձր մակարդակով շարադրուած բանաքաղական աշխատութիւն մըն է, որ նուաճում մըն է ատկէ առաջ յօրինուած քերականական ձեռնարկներուն բաղդատմամբ21։ ԺԳ. դարուն օրինակուած Մատենադարանի 7037 համարով ձեռագիրը` քերականական աշխատութիւններու հաւաքածոյ մըն է, որուն բովանդակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Նուաստ վարդապետի Յոհանիսի Եզնկայեցւոյ, որ եւ Ծործորեցի, արարեալ համառօտ տեսութիւն քերականին22։ «Նիւթի ընդգրկման առումով` – կը հաւաստէ մանրաքնին ուսումնասէրը, – հետեւելով իր մեծանուն հայրենակցին, Ծործորեցի դարձած վարդապետը տարբերում է յունաբան հայերէնով շարադրուող նախկին քերականագէտներէ իր պարզ լեզուով ու յստակ ձեւակերպումներով»23։ Հետազօտողը կը նշէ, որ «Յովհաննէս Ծործորեցին մեծ ճիգ է գործադրել Դիոնիսիոս Թրակացու եւ նրա հայ մեկնիչների ժամանակավրէպ դատողութիւններից ձերբազատուելու եւ ժամանակի գիտական պատկերացումներին համապատասխան եւ ուսումնական նպատակների համար դիւրամատչելի մի ձեռնարկ ստեղծելու համար»24։ Յովհաննէս Քռնեցիի Յաղագս քերականին շարադրուած է 1330-1347 թուականներուն, եւ պահպանուած միակ օրինակը արտագրուած է 1350 թ. Ֆրա Յակոբի ձեռքով` Կաֆ այի մէջ, «ընդ հովանեաւ սրբոյն Նիկօլաոսին». բացառիկ արժէք ունեցող այդ ձեռագիրը պահուած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան Մատենադարանի 293 թուահամարով հաւաքածոյին մէջ։ Ցարդ անտիպ մնացած այս երկին հրատարակութեան առիթով, մեծարգոյ ակադեմիկոսը հաճելի պարտք կը համարէ խորին շնորհակալութիւն յայտնելու վիեննական Մխիթարեաններու ղեկավարներուն` որոնք իր տրամադրութեան
154
տակ դրած են այս «մեծարժէք ձեռագրին մանրաժապաւէնը»։ Յաղագս քերականին մասին` բոլոր ուսումնասէրները իրենց տեղեկութիւնը քաղած էին Տաշեանի Ցուցակէն։ Աճառեանի նման լեզուաբանի մը անունով միայն ծանօթ է երկը25։ Միայն Տաշեանի հաղորդած համառօտ տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուելով, միջնադարեան հայ քերականագիտական յուշարձաններու հետազօտութեան ժամանակ, ակադեմիկոս Ջահուկեան ստուգապէս կռահած է այդ երկին տեղը հայ քերականագիտական միտքի բազմադարեան պատմութեան մէջ զայն համարելով ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն տարածուած լատինատիպ քերականութիւններուն նախակարապետը26։ Քռնեցի կոչեցեալ Ֆրա Յոհան` իր յիշատակարանին մէջ կը բացատրէ աշխատութեան բնոյթը, թէ «համառօտ հաւաքեցի ի Հայոց եւ ի Լատինացոց` զսակաւս ի բազում շարագրաց եւ ի քերթողաց, տալով դուռն եւ ճանապարհ նորամարզիցն, մտանել եւ ընթանալ ի քաղաքս իմաստից»։ Յովհաննէս Քռնեցիի օգտագործած հեղինակներէն` Քերթողը, նշանաւոր յոյն հեղինակ Դիոնիսիոս Թրակացին է, որ հազարամեակէ մը աւելի, յունական քաղաքակրթութեան ազդեցութեան տակ գտնուող երկիրներուն մէջ համարուած է ամէնէն հեղինակաւոր քերականագէտը։ Ե. դարու վերջին տասնամեակներուն թարգմանուած Թրակացիի Արուեստ քերականին27 դարձած է «հայ քերականագիտական միտքի անկիւնաքարը»։ Դաւիթ քերականէն մինչեւ Առաքել Սիւնեցի, տարբեր ձեւերով մեկնած են այս աշխատութիւնը, կաշկանդուելով անոր ճնշող հեղինակութենէն։ Յաղագս քերականին զգալի մասն ալ բառացի քաղուած է Թրակացիէն։ Ակադեմիկոս Խաչիկեան համեմատելով երկու աշխատութիւնները` ճշտած է ամբողջութեամբ կամ մասամբ արտագրուած բաժինները։ Երկրորդ հեղինակը` որմէ օգտուած է Քռնեցին, Զ. դարուն սկիզբը ապրած նշանաւոր գիտնական Պրիսցիանոսն է, որուն բազմահատոր աշխատութիւնը համադրած է լատիներէն քերականութեան բոլոր նուաճումները։ Մինչեւ ԺԳ. դար, Եւրոպայի մէջ սերտած, մեկնաբանած եւ ուսուցած են Պրիսցիանոսի Քերականութիւնը։ Քռնեցին այդ նշանաւոր քերականին հետեւողութեամբ կը կազմէ իր աշխատութեան երկրորդ մասը ամբողջութեամբ, կը ստեղծէ եզրեր` լատիներէն եզրերուն հայացումով, կամ նոյնութեամբ կ’օգտագործէ Պրիսցիանոսի եզրերը` առանց թարգմանելու։ Սակայն, Քռնեցիի օգտագործած աղբիւրներու հարցին քննարկումը, կը նկատէ բարեխիղճ ուսումնասէր ակադեմիկոսը, կարելի պիտի ըլլայ յետագային, երբ հնարաւոր դառնայ Յաղագս քերականին բաղդատել մինչեւ ԺԴ. դարը շարադրուած բազմաթիւ լատիներէն քերականութիւններու հետ։ Որպէս լեզուագէտ գիտնական` Յովհաննէս Քռնեցի իր գիտելիքներու
155
պաշարով, համարձակօրէն աւանդական արահետէն մայրուղի դուրս կը բերէ հայ քերականագիտական միտքը։ Համառօտ հաւաքումն յաղագս քերականին բաղկացած է վեց գլուխներէ, որոնցմէ առաջին երեքը` ենթագլուխներով են, իսկ մնացեալները` ենթամասերու չեն բաժնուած։ Յարմար կը նկատենք առանց քայլ առ քայլ հետեւելու Ս. Աւագեանի մասնագիտական վերլուծումներուն` մասնակի քաղուածքներ կատարել անկէ, այդ եզակի աշխատութեան քերականագիտական նշանակութեան մասին ընդհանուր պատկերացում տալու փափաքով։ Յովհաննէս Քռնեցին Յաղագս քերականին շարադրած է շեղելով Արուեստ քերականիի յօրինուածքէն, փորձելով ազատիլ օրինակի ոյժ ստացած անոր ճնշող հեղինակութենէն եւ ինքնուրոյն մօտեցումով ներկայացնել իր ժամանակին հայերէն լեզուի նկարագրութիւնը։ Աշխատութեան կառուցուածքը, նիւթերու դասաւորութիւնը եւ յաջորդականութիւնը` Քռնեցի կատարած է Պրիցիանոսի Քերականական սահմանումներուն հետեւողութեամբ։ Լեզուի հնչիւնաբանութիւնն ու ձեւաբանութիւնը ներկայացուած են «Յաղագս պարզ գրութեանց» գլխուն, իսկ շարահիւսական նկարագրութիւնը «Յագագս գիտութեան բաղադրելոց» եւ «Յաղագս շարամանութեանց» բաժիններուն մէջ։ Յաջորդ բաժինները նուիրուած են հին քերականութեան անբաժանելի մասը կազմող առոգանութեան, տաղաչափութեան արուեստին եւ բնագիրներու վերծանութեան հմտութեան։ Նախերգանքին մէջ` Քռնեցին կը ներկայացնէ քերականական արուեստին մասին իր տեսակէտը, կ’որոշէ անոր դիրքն ու նշանակութիւնը այլ գիտութիւններու շարքին։ «Քերականութիւնն է գիտութիւն ուղղապէս խօսելու եւ գրելու, – կը սահմանէ ան։ – Սա է սկիզբն եւ հիմն ամենայն գիտութեանց, քանզի նորա է ուսուցանելն, թէ զինչ է իւրաքանչիւր բառին ասութիւն»։ Քերականական արուեստի բաղկացուցիչ տարրերուն մասին Քռնեցիի պատկերացումները կը տարբերին Թրակացիի ըմբռնումէն։ Թէեւ երկուքն ալ կը բաժնեն վեց մասի` պարզից, բաղադրելոց, շարամանութեանց, առոգանութեանց, ներչափական տառից գրելու եւ վերծանութեանց, սակայն Քռնեցին յաւելուածաբար կը ներկայացնէ բանասիրական-գրականագիտական բաժինները, մինչդեռ Թրակացիին մօտ այդ հատուածներուն աւելի կարեւորութիւն կը տրուէր եւ անոնց քննութեամբ կը սկսէր քերականութեան նկարագրութիւնը։ «Պարզ գիտութիւնք» մասին մէջ տեղեկութիւններ կը տրուին հայերէն գիրերու, հնչիւններու, վանկերու, խօսքի մասերու եւ անոնց ձեւաբանական, բառակազմական փոփոխութիւններուն մասին։ Թրակացիի երկին մէջ նոյնը կը քննուի առանց նման յատուկ գլխակարգութեան։ «Բաղադրեալ գիտութիւնք» բաժինը` որ շարահիւսութեան նկարագրութիւնն է, հայ քերականագիտութեան մէջ նորութիւն մըն է։
156
Հին քերականագիտութեան մէջ` ձեւաբանութեան գիտութիւնը չէ զարգացած այնպէս, ինչպէս եղած է հնչիւնական համակարգի ուսումնասիրութիւնը։ Հելլենիստական շրջանի քերականներէն` Բ. դարուն ապրած Ապոլոնիոս Դիսկոլոսի Շարահիւսութեան մասին նշանաւոր երկը բաւարարութեամբ վերլուծած է խօսքի շարահիւսական հարցերը։ Լատին քերական Պրիսցիանոսն ալ, միջին դարերուն, մօտէն կը հետեւի Դիսկոլոսի ըմբռնումներուն։ Իսկ հայերէնագիտութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Քռնեցին կը կատարէ հայերէնի շարահիւսական նկարագրութիւնը, հետազօտութեան ատաղձ ունենալով առաւելաբար միջին հայերէնի իրողութիւնները։ Վերլուծական նկարագրութիւններէն ակներեւ դարձած է, որ Համառօտ հաւաքումը` իր բնոյթով եւ բովանդակութեամբ աւելի մօտ է «յունա-լատինատիպ» անուանումով հայերէնի քերականութիւններուն։ Այս երկը, ինչպէս նաեւ լատինատիպ այլ քերականութիւններ` որոնք տակաւին գիտական շրջանառութեան մէջ չեն դրուած, հնարաւորութիւն պիտի տան նորովի լուսաբանելու հայ քերականագիտական միտքի պատմութեան շրջանաբաժանումը։ Ուրեմն` յունա-լատինատիպ քերականութիւններու յառաջացումը կը վերաբերի ԺԴ.-ԺԵ. դարերուն, եւ ոչ թէ ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն, ինչպէս ընդունուած էր հայագիտութեան մէջ, հիմք ունենալով միայն տպագիր քերականական աշխատութիւնները։ Յովհաննէս Քռնեցին մեծ աւանդ ունի հայերէն քերականական եզրեր յօրինելու գործին մէջ։ Դիոնիսիոս Թրակացիի քերականութեան թարգմանիչը եւ յաջորդ մեկնիչները գիտական շրջանառութեան մէջ դրած են յունարէնի պատճէնումով յօրինուած բազմաթիւ քերականական եզրեր, որոնք այսօր ալ դեռ գործածական են28։ Իր քերականութեան մէջ` Քռնեցին յօրինած է շարահիւսական, ձեւաբանական հասկացութիւններու նոր անուանումներ կամ եզրեր, որոնք մեծ մասով պատճէնուած են լատիներէնէ։ Հայ քերականագիտական միտքի յետագայ ընթացքին վրայ` Յովհաննէս Քռնեցիի անմիջական ազդեցութիւնը կարելի պիտի ըլլայ որոշել Համառօտ հաւաքումի, անոր աղբիւրներուն, ինչպէս նաեւ յաջորդ քերականութիւններուն բնագիտական զուգորդութիւններուն եւ համեմատական քննութեան միջոցով։ Զարգացած աւատատիրութեան ժամանակաշրջանին հիմնադրուած Ծործորի եւ Քռնայի վանքերը` իրենց ծաւալած նորաճաշակ գրական եւ թարգմանչական գործունէութեան շնորհիւ, հանդիսացած են «վանքաշատ Հայաստան»ի հոգեւոր-մշակութային ղեկավար կեդրոններ, հիմնաւորելով այն տեսակէտը` թէ վանքի մը կառուցումը ինքնին ուսումնական շարժումի մը նախաքայլը կրնայ համարուիլ։ Ակնդէտ կը սպասենք, որ մեծարգոյ ակադեմիկոս Լեւոն Խաչիկեանի յաջորդ երկասիրութիւններէն մէկը ըլլայ` վերոյիշեալ երկու ուսումնասիրութիւններուն
157
համադրումով եւ լրացումով, ընդարձակ մենագրութիւն մը` ունիթորներու եւ լատին առաքելութիւններու հայ մշակոյթին բերած նպաստին մասին։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 8 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.966 9 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.967 10 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.968 11 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.969 12 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.970 13 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.971 16 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.972 17 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.973 18 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.974 20 Մայիս 1978, 63-րդ տարի, թիւ 17.975
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Յովհաննէս Քռնեցի, Յաղագս քերականին, բնագիրը հրատարակութեան պատրաստեց Լ. Ս. Խաչիկեանը, ներածութիւնը Լ. Ս. Խաչիկեանի եւ Ս. Ա. Աւագեանի, Երեւան, 1977, էջ 7։ 2. «Քռնայի հոգեւոր-մշակութային կենտրոնը եւ Յովհաննէս Քռնեցու գիտական գործունէութիւնը», էջ 5-51։ 3. «Յովհաննէս Քռնեցու Համառօտ հաւաքումն յաղագս քերականին երկի քերականագիտական նշանակութիւնը», էջ 52-149։ 4. Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, Ազգապատում, Բ. տպ., Պէյրութ, 1959, Բ. հատոր, Ա. գիրք, ս. 1712։ 5. Լեւոն Խաչիկեան, «Արտազի հայկական իշխանութիւնը եւ Ծործորի դպրոցը», Բանբեր Մատենադարանի, Երեւան, 1973, թիւ 11, էջ 149։ 6. Օրմանեան, նշ. աշխ., ս. 1714-1715։ 7. Լ. Ս. Կոգեան, Հայոց եկեղեցին մինչեւ Փլորենտեան ժողովը, Բէյրութ, 1961 էջ 482։ 8. Օրմանեան, նշ. աշխ., ս. 1846-1847, 1956։ 9. Կոգեան, նշ. աշխ., էջ 482։ 10. Խաչիկեան, նշ. աշխ., էջ 149։ 11. Օրմանեան, նշ. աշխ., ս. 1956, 1957, 1980։ Այլ մանրամասնութիւններու համար տես` Լ. Գ. Խաչերեան, Գլաձորի համալսարանը հայ մանկավարժական մտքի զարգացման մէջ (ԺԳ.-ԺԴ. դդ.), Երեւան, 1973, էջ 202-226։ 12. Նոյն տեղը, ս. 1800։ 13. Գիտնականներու հաւաստումով` Յովհաննէս Քռնեցիի «նշանաւոր» եւ «շատ արժէքաւոր» Ընդհանրական նամակը «պատմական որոշ արժէք մը կը ներկայացնէ». տես` M. A. van den Oudenrijn O. P., «Յովհաննէս Քռնեցիի Ընդհանրական Թուղթը Կալանոսի CONCILIATIOին մէջ», թարգմանեց` Գնէլ Ծ. Վարդապետ, Հասկ, հայագիտական
158
տարեգիրք, Անթիլիաս, Բ. տարի, 1949-1950, էջ 203, 208։ Յաղագս քերականին, Ներածութիւն, էջ 24, 40։ 14. «Այս գիրքին իրական թարգմանիչը Յովհ. Քռնեցին չէ, այլ իր անուանակիցը Յովհ. Երզնկացին, վերակոչուած նաեւ Ծործորեցի». տես` Հասկ, հայագիտական տարեգիրք, Բ. տարի, էջ 204։ Բանասիրական գրականութեան մէջ` թարգմանութեան մասին տարբեր տարեթիւեր նշանակուած են. Ծործորեցին «հրամանաւ պապին Հռոմայ» կը թարգմանէ Թովմա Աքուինացիի Գիրք խորհրդոցը` «1321 թ. անկիւնաքարը դնելով հայ ունիթորական գրականութեան». տես` Բանբեր Մատենադարանի, թիւ 11, էջ 198։ «Եօթը Խորհուրդներու Գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը ընդօրինակուած էր Հոկտեմբեր 1325-ին, Ծործորի Ս. Աստուածամայր վանքին մէջ, եւ ընդօրինակողը մեզի կը վստահեցնէ` թէ գիրքը երկու տարի առաջ, միեւնոյն մենաստանին մէջ թարգմանուած էր». տես Հասկ, էջ 204։ 15. Հասկ, էջ 201-203։ Ունիթորներու մասին յայտնուած այլազան կարծիքներէն` յատկապէս սրբագրութեան կը կարօտի Ստ. Մալխասեանցի տուած բացատրութիւնը. «Ունիթոր. լատին կրօնաւոր միջին դարերում, որ ուղարկւում էր այլադաւան քրիստոնեաների մօտ` նրանց դէպի կաթոլիկութիւն դարձնելու համար», կամ` «Ունիթորները Հայաստան մուտք գործեցին ԺԴ. դարուն»։ Տես` Հայերէն բացատրական բառարան, հատոր երրորդ, էջ 602։ 16. Յաղագս քերականին, Ներածութիւն, էջ 8։ 17. Հենրի Գաբրիէլեան, Հայ փիլիսոփայական մտքի պատմութիւն, Երեւան, 1958, հատոր 2, էջ 119-120։ 18. Նոյն տեղը, էջ 120-121։ 19. Karekin Sarkissian Vardapet, A Brief Introduction to Armenian Christian Literature, London, 1960, p. 30. 20. Marc-Ant. V. d. Ondenrijn O.P., «Գիտելիքներ Միաբանող Եղբայրներու եւ անոնց գործոց մասին», Աւետիք (Ամսական Պաշտօնաթերթ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Տանն Կիլիկիոյ), 1948, Մարտ-Ապրիլ, էջ 62։ 21. Խաչերեան, նշ. աշխ., էջ 149։ 22. Յուցակ ձեռագրաց Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, Երեւան, 1970, հատոր Բ., ս. 447։ 23. Խաչիկեան, նշ. աշխ., էջ 177։ 24. Նոյն տեղը, էջ 178։ 25. Հ. Աճառեան, Հայոց անձնանունների բառարան, Երեւան, 1946, հատոր Գ., էջ 620։ 26. Յաղագս քերականին, Ներածութիւն, էջ 44, 140-141։ 27. Ա. Ն. Մուրատեան, Յունաբան դպրոցը եւ նրա դերը հայերէնի քերականական տերմինաբանութեան ստեղծման գործում, Երեւան, 1971, էջ 153-156։ 28. Նոյն տեղը, էջ 345-347։
159
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱՅԵԱՑՔԸ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ ԺԸ. ԴԱՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍՈՒՆ
ԿՈԼՈՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԾՆՆԴԵԱՆ Գ. ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Յիշատակը սերում է գործերից։ ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ ´³Ý³ËûëáõÃÇõÝ` вРÎáϳݻ³Ý êñ³Ñ« 25 ÐáÏï»Ùµ»ñ 1979£ Մշակութային երեսնամեայ վաստակով ծաղկուն այս յարկէն ներս, նուիրականացած աւանդութեան մը վերահաստատուիլը` Հոկտեմբերը վերստին «Մշակոյթի ամիս» նկատելը, բերկրանքով` եւ պէտք է խոստովանիլ նաեւ, թէ կ’ուզենք ողջունել քիչ մըն ալ անզուսպ յուզումով։ Թերեւս մեզմէ ոչ մէկը յանդգնի հերքել այն իրողութիւնը, թէ «մեր ազգային դիմագիծը` թանձրացած քարին, երգին ու գրչութեան մէջ, ծնունդն է վանական միջավայրին»։ Հաւանաբար ոչ ոք անտեղի պիտի նկատէ, եթէ ձեր բոլորին բարեացակամ ուշադրութենէն օգտուելով` պատմական շրջագայութիւն մը կատարենք միասին մեր իմացականութեան երբեմնի դարբնոցներուն շուրջ, հոն հանդիպելու համար «բարձրաթիռ միտքի ապաստան» գտած խոկումի ծարաւ հոգիներու։ Անցեալի մեծութիւններով փառաւորուելու հրճուանքը` այս երեկոյ կ’ուզենք զգալ Ամրտոլու գերահռչակ դպրատան երանելի աշակերտներէն Կոլոտ Յովհաննէս Պատրիարքի ծննդեան երրորդ դարադարձին առիթով։ ***
Թէեւ շատ հետաքրքրական` բայց երբեմն ալ ոչ ուրախալի իրադարձութիւններով ուշագրաւ է մեր ժողովուրդի պատմութեան ԺԷ. դարու վերջին քառորդէն մինչեւ ԺԸ. դարու առաջին կէսը երկարաձգուող ժամանակահատուածը։ Օգտուելով պատմական առկայ տուեալներու ճոխութենէն, հաճելի պիտի ըլլայ ընդհանուր համայնապատկերի մը վրայ ստուերագծել կրօնական-մշակու-
160
թային նոր շարժումներու զարգացումի ուղիներուն եւ հանգրուաններուն վրայ կանգնած առաջաւոր գործիչներու` Սեբաստացի Մխիթար վարդապետի, Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարքի եւ Այնթապցի Աբրահամ-Պետրոս Ա. կաթողիկոսպատրիարքի դիմաստուերները։ Սակայն, պատմական դէմքերը վերագնահատելու այս արագ փորձը կ’ուզենք սահմանափակել միայն կարեւորագոյն երեւոյթներու մատնանշումով։ Հայ ժողովուրդի մտաւոր մշակոյթի զարգացումը հետազօտող հեղինակներու հաստատումով` ԺԸ. դարը նախորդող դարերուն, մանաւանդ ԺԵ. դարու երկրորդ կէսէն սկսելով եւ ԺԶ. դարը ամբողջ, որ մշակոյթի «ամենախոր անկումի ժամանակաշրջանը» կը նկատուի, հայկական վանքերն ու վանականութիւնը մատնուած էին անշուք վիճակի մը, հայրենի աշխարհին մէջ գոյութիւն առած շարունակական սովերուն, յաճախակի համաճարակներուն եւ արամեան ցեղին մնացորդները մաշելու եւ մարելու նպատակով` թուրքմէն ցեղախումբերու, պարսկական եւ օսմանեան «դժպետութիւններու» արիւնակոխ եւ աւերասփիւռ անվերջանալի արշաւանքներուն պատճառով, որոնց նմանը ոչ մէկ հողածին կրնայ տեսած ըլլալ։ Երբ Արեւելքի երկու հզօր պետութիւններուն միջեւ մրցակցութիւնը կը դադրի, Հայաստանի մէջ կը ստեղծուին քաղաքական եւ տնտեսական աւելի նպաստաւոր պայմաններ։ ԺԷ. դարը մշակութային վերելքի նոր շրջան մը կը սկզբնաւորէ. մերթ ընդ մերթ ասպարէզ կուգան ուսումնատենչ ու լուսամիտ դէմքեր, որոնք դարձեալ կը զբաղին հուրէ կամ թալանէ փրկուած հայերէն ձեռագիր մատեաններու ուսումնասիրութեամբ, կը փորձեն վերականգնել հին դարերու հայ վանականութեան փառքը` հիմնարկելով Սիւնեաց Մեծ Անապատի, Էջմիածինի, Ամրտոլու, Լիմի եւ Նոր Ջուղայի վանական դպրոցները, ուր ձեռնարկուած բեղուն գործունէութեամբ` քանի մը արժանաւոր վանականներ կրնան իրենց անդուլ ջանքերով մշակութային անկումին առաջքն առնել, ընդհատուած աւանդոյթները վերահաստատելով եւ հոգեւոր զարթօնքի մը հիմերը դնելով։ ԺԸ. դարու սեմին` ազգային վերածնութեան աշխատանքին լծուողներէն մէկը կ’ըլլայ Մխիթար վարդապետ Սեբաստացին, որ իր ծննդավայրէն Կ. Պոլիս, եւ ապա Եւրոպա անցնելով, Վենետիկի լճակին Սուրբ Ղազար կղզեակին վրայ նոր կեանք տուած է անցեալի հայ միտքին եւ դասական գրական լեզուին։ Մխիթարի եւ իր ձեռնասուններուն տքնութեամբ` Սուրբ Ղազար կը դառնայ հայ հին գրականութեան ասպնջարանը, եւ այնտեղ կը բողբոջի հայ նոր գրականութիւնը։ Հրաչեայ Աճառեան` Սուրբ Ղազարը բաղդատութեան դնելով նախորդ դարերու գրական-կրթական կեդրոններուն հետ, անաչառօրէն կ’ըսէ, թէ Բաղէշի, Էջմիածինի եւ Նոր Ջուղայի դպրոցները տեւական չէին եղած, անոնք շատ կարճ կեանք մը ունեցած էին։ Մխիթար այնպիսի հիմերու վրայ կը դնէ իր
161
միաբանութիւնը, որ օրէ օր կը զարգանայ, եւ իբրեւ լուսաւոր աստղ մը` երկար ժամանակ կը փայլի հայկական կիսախաւար հորիզոնին վրայ։ Նոյն ժամանակաշրջանի հայ վանականութեան պատկերը վերակազմելով, պատմաբան Լէօ կ’ամբողջացնէ Աճառեանի դատումը եւ կը վկայէ, թէ ԺԸ. դարու սկիզբը` հայ լուսաւորչական վարդապետները գրական աղքատ գործունէութիւն ցոյց կուտան, եւ այս երեւոյթը կախում ունէր այն հանգամանքէն` որ զարգացումը այդ ժամանակ շատ թոյլ էր առհասարակ։ Հայ վարդապետները ոչ միայն շատ բան չէին գիտեր, այլ ամէն տեղ միատեսակ հմտութիւն ցոյց չէին տար հայերէն լեզուի գիտութեան մէջ։ Այդ խումբին վանականներուն հակադրելով` Լէօ հիասքանչ կը շարունակէ. կաթողիկէ վանականութիւնը, ինչ կ’ուզէք ըսէք, աւելի զարգացած էր, քան հայ լուսաւորչական վանականութիւնը, եւ ասիկա ամէնէն առաջ այն պատճառով` որ ան լեզուներ գիտէր, անոր առջեւ բացուած էր եւրոպական լեզուներով շատ հարուստ գրականութիւն, հետեւաբար հայերուն մէջ կրնար բարձր գիտութիւն մտցնել։ Եւ իրապէս, ԺԸ. դարու սկիզբէն` կաթողիկէ հայ վանականութիւնը, գլխաւորաբար թարգմանութիւններու, մասամբ նաեւ ինքնուրոյն մշակումներու միջոցով կ’աշխատի հայացնել իր սորված գիտութիւնը` որ աշխարհայեցողութիւններ կը պարզաբանէ, ըմբռնումներ եւ հայեցողութիւններ կը դարբնէր։ Մխիթարեաններու կատարած դերը բնորոշելով, Մանուկ Աբեղան կ’ըսէ` թէ անոնք յաջողցուցին այն, ինչ որ երկուհարիւր տարի առաջ հայ վանականներ ձեռնարկած էին Արեւելքի մէջ, բայց մեծ դժուարութիւններէ զատ, քաղաքական դժբախտ պատահարներու հետ կապուած ըլլալով` չէին յաջողած այնպէս, ինչպէս կը փափաքէին կատարել այդ գործին համար աշխատողները։ Մխիթարեանները իրենց ձեռքը կ’առնեն հայ գրականութեան վերածնութիւնը եւ այդ աշխատանքը անընդհատ յառաջ կը տանին Եւրոպայի անվտանգ եւ խաղաղ կեանքի յարմարութիւնները օգտագործելով։ Նոյն դարուն սկիզբը կը հրատարակուի իմացական վերածնութեան շարժումը խթանող հատոր մը` Էրզրումցի Խաչատուր վարդապետին հեղինակած համառօտ իմաստասիրութիւնը, ուր հանրագիտական տեղեկութիւններով բացատրուած է այդ շրջանի գիտութեան եւ իմաստասիրութեան զանազան ճիւղերը, ինչպէս նաեւ գրականութեան եւ արուեստի տեսութիւնները։ Հայ գրականագիտական եւ քննադատական միտքի ամենահին արտայայտութիւններէն մէկը համարուող այս հետաքրքրական աշխատութիւնը` մշակութային հին արժէքները իմաստաւորող եւ ժողովուրդին լայն խաւերուն մէջ լուսաւորութիւն տարածելու ձգտող սերունդին համար, օգտակար ձեռնարկ մը կը հանդիսանայ այն օրերուն։ ***
162
Տակաւին ԺԷ. դարուն, հայ հաւատացեալները` ուղղափառ կամ այլափառ, ինչպէս սովորաբար կ’անուանեն այդ շրջանի կրօնական հոսանքները, նոյն եկեղեցին յաճախելուն եւ նոյն հոգեւոր պետերուն իշխանութեան ներքեւ գտնուելուն, ինչպէս նաեւ այդ եկեղեցական ղեկավարներուն ընդգրկած տարբեր ուղղութիւններուն պատճառով, Հռոմի եկեղեցիին կողմէ Արեւելք գործուղուած հեղինակութիւն մը չէ կրցած ճշգրիտ բնորոշել Հայ եկեղեցիին հետեւած ուղին։ Հայ եկեղեցական եւ միաժամանակ հայ հասարակական կեանքին մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը` ԺԷ. դարու առաջին տասնամեակներէն սկսելով, մինչեւ նոյն դարուն վերջը, երբեմն ղեկավարած են Հռոմէական Եկեղեցիին հաւատակից հայ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Այսպէս` յաջորդաբար կամ ընդմիջումներով, գահակալած են եօթը պատրիարքներ, որոնց ընդգրկած դաւանական ուղղութիւնը հաստատուած է պատմական վկայութիւններով։ Այս ժամանակաշրջանին` Կ. Պոլսոյ մէջ դաւանական իրերամերժութիւնը հասած էր ծայրայեղ աստիճանի։ Ծիսական փոփոխութիւններ կատարելու եւ անկախ համայնք կազմելու փորձերը յաջողութիւն չէին գտած։ Եւրոպացիներուն հետ յարաբերութեան մէջ գտնուելով` կաթողիկէ հայերը կ’ամբաստանուէին որպէս Ֆրանկ եւ կը նկատուէին պետութեան թշնամի հպատակներ, յաճախ անոնց նկատմամբ ձեռք կը ձգուէին բանտի, աքսորի կամ թիապարտութեան վճիռներ։ Դիւանական տեղեկութիւններու համաձայն` դաւանական անպատմելի հալածանքներ տեղի ունեցած են հայաբնակ այլ քաղաքներու մէջ ալ, մանաւանդ Էնկիւրիի, Հալէպի, Կարինի, Թոքաթի, Սեբաստիոյ, Մերտինի, Վրաստանի եւ Խրիմի մէջ։ Հալածանքի եւ ներումի Ֆերմաններ ձեռք բերելու համար բազմաթիւ քսակներ կը շռայլէին։ Հալածանքներու ժամանակ` մահէն սարսափելով, եղած են ուրացումներ. իսկ նահատակութիւններէն` յատկապէս յիշատակելի են 1707 թ. Երանելի Տէր Կոմիտաս քահանայի, յաջորդ տարին` Սեբաստացի Միքայէլին եւ 1716 թ. ալ Մելքոն արքեպիսկոպոս Թազպազեանի վկայական վախճանը։ Կաթողիկէ հայերը կը վայելէին պաշտպանութիւնը Ֆրանսայի եւ Աւստրիոյ դեսպաններուն, որոնք իրենց հովանաւորութիւնը տարածած էին Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն վրայ։ Այդ շրջանին ծաւալած տեսական եւ գործնական պայքարը` այսօր կը գնահատեն որպէս ազգային ինքնուրոյնութեան համար մղուած պայքարի ձեւերէն մէկը։ Այդ օրերու հակամարտութեան համար` Մխիթար Սեբաստացին իրաւամբ նկատուած է «պառակտեալ հայութեան գերագոյն մխիթարութիւնը»։ Քաղաքներու քաղաք Կ. Պոլիս, այդ միջոցին եկեղեցականօրէն կը պարզէր ամէնէն տխուր վիճակը. որովայնամոլ, արբշիռ եւ ուսումնատեաց եկեղեցականներ` կուսակցութեան մը գլուխ կամ կուսակցութեան մը մէջ, «բարձի փառքի
163
ետեւէ էին»։ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան նախանձայոյզ հեղինակը` Կիւլէսէրեան Բաբգէն Ծ. Վրդ. կը խոստովանի, թէ «այսչափ անկում եկեղեցականութեան մէջ եւ Պոլսոյ պատրիարքութեան աթոռին շուրջ` ինչպէս նաեւ Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի մէջ, ԺԷ. դարը միայն կրնայ պատկերացնել. պատկերներ` որոնց ծագումը, պատմութիւնը պժգանք կ’ազդէ ընթերցողին»։ Նոյն սրբազան հեղինակը ասոր վրայ կ’աւելցնէ նաեւ «Ֆրանկութեան ներսէն բռնկած խնդիրն ալ, որ Պոլսոյ եկեղեցական անկումին արդիւնքն էր եւ այնքան դատապարտելի դէպքերու եւ դէմքերու տեղի տալէ ետք` իր գոյութեան իրաւունքը պիտի ունենար»։ Անցեալ դարերու Պոլսոյ կեանքը հետազօտող ժամանակակից պատմաբան Սիրունի կը շեշտէ` թէ «ամբողջ երեքուկէս դար, այսինքն 1461-էն մինչեւ 1715 թ., երբ Յովհաննէս Կոլոտ կու գար հագնիլ պատրիարքական կապան, Պոլսոյ Աթոռը պանծալի էջեր չէ թողած մեզի»։ Բազմակողմանի բարեմասնութիւններով օժտուած եկեղեցականին յիշատակը վերակենդանացնելու համար` պատմագրական եւ բանասիրական ուսումնասիրութեան մը ձեռնարկելով, Բաբգէն Վրդ. կ’ըսէ` թէ «Կոլոտի մասին գրեթէ որեւէ գոհացուցիչ գործ չէ հասած մեզի իր ժամանակակիցներէն»։ Քրիստոսի այգիին անխոնջ մշակներէն` Յովհաննէս աստուածաբան վարդապետը բնիկ բաղիշեցի է, ծնած 1678 թ.։ Ամրտոլու վանքին մէջ աշակերտը եղած է բաղիշեցի Վարդան Վրդ. ին։ Այստեղ անհրաժեշտ կը նկատենք հանրագիտական տեղեկութիւններ հաղորդել հայ մշակոյթի կեդրոններէն` Ամրտոլու վանքին անունին ծագումին եւ կատարած դերին մասին։ Վանայ ծովակին հարաւ-արեւմտեան կողմը` գեղեցկատեսիլ, վաճառաշահ եւ անուանի քաղաք Բաղէշի չորս վանքերէն մէկը կը կոչուէր Ամրտոլու կամ Ամլորդւոյ վանք, որովհետեւ կառուցուած էր Սուրբ Յովհաննու Կարապետին անունով, քաղաքին համանուն թաղին մէջ։ Աւանդութեամբ կ’ըսուի նաեւ` թէ Ամիր եւ Տօլ անունով երկու եղբայրներ վանքն ու եկեղեցին նորոգած ըլլալուն, իրենց անունով Ամրտօլու վանք կոչուած է։ Մեր օրերու հեղինակի մը համաձայն, Ամրտօլ կոչումը` ոչ թէ Ամլորդի բառէն է, այլ աղաւաղեալ կրճատումն է Ամիրտէօվլէթ կոչումին։ Ամրտոլու վանքը, բարեբախտաբար հոգեւոր եւ մտաւոր կրթութեան «համալսարան» մը` դպրեվանք մը եղաւ երբեմն, կամ թէ աւելի շատ գործածուած բառով` դասատուն մը, բոլորովին տարբեր այն վանքերէն, որոնք աւելի փոր կշտացնելու համար շինուած են, քան թէ միտք, – կը պարզէ համարձակախօս Բաբգէն վարդապետ։ ԺԵ. դարուն վանքին մէջ եղած է գրչութեան դպրոց. նոյն դարուն վերջը, Գրիգոր Տաթեւացիի աշակերտներէն Դանիէլ վարդապետը այնտեղ հիմնած է հոգեւոր դպրոց` ուր դասաւանդած է աստուածաբանութիւն եւ տրամաբանու-
164
թիւն։ Անոր գործը շարունակած են` Համշէնցի Յովհաննէս, Արճիշեցի Գրիգոր, Մատաղ Ներսէս, Բաղիշեցի Ներսէս, Ամկեցի Ներսէս եւ Տարօնեցի Յովհաննէս վարդապետները։ Երեւելի եւ մեծանուն Աղբակեցի Բարսեղ վրդ.ը մեծ զոհողութիւններով կը սրբէ մտաւոր ամլութեան նախատինքը Ամրտոլու ճակատէն. կը կառուցէ վանքը, կը վայելչացնէ դասատունը, կը բարեփոխէ ուսման ծրագիրը եւ այդ միջոցով կը հասցնէ շատ աշակերտներ` անոնց փոխանցելով արտաքին գիտութիւններու ճաշակը։ Ամրտոլու վանքին դպրոցը մեծ համբաւ կ’ապահովէ Մոկացի Ներսէս վարդապետին առաջնորդութեան օրով, երբ այնտեղ ուսում ստանալու կ’երթան տարբեր վայրերէ բազմաթիւ երիտասարդներ։ Վանքին դպրոցը կը ծաղկի յատկապէս Բաղիշեցի Վարդան վարդապետին հոգածութեամբ, եւ այն ժամանակ կը կոչուի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ։ Յիշատակարանի մը համաձայն` անոր օրով վանքը ունէր 45 միաբան, որոնցմէ քառասունը` կարդացող, եւ հինգը մշակ էին։ Այս «քաղցրաքարոզ եւ համեղաբան» Վարդան վարդապետին չունչով սնած եւ մեծցած էին Կոլոտ Յովհ. եւ Շղթայակիր Գրիգոր վարդապետները, որոնք ծառայեցին միեւնոյն նպատակին` այն է, ազգին նիւթական եւ բարոյական օգուտը, ինչպէս նաեւ եկեղեցիին փառքն ու պայծառութիւնը։ Անոնք մանկութենէ Աստուածոյ երկիւղին մէջ սնած ըլլալով` հրաժարած էին անցաւոր աշխարհի վայելչութիւններէն, ու կ’ապրէին ոչ թէ իրենց անձին` այլ յաւէտ ազգին ու եկեղեցիին համար, գեղեցիկ կերպով կ’արտայայտուի Երուսաղէմի պատմութիւնը հեղինակող դէմք մը։ Բարձրահամբաւ եւ մեծ համալսարանին գոյութիւնը վերջ կը գտնէ Վարդան Վարդապետի վախճանով. հոգեկցորդ երկու վարդապետները` Կոլոտ եւ Շղթայակիր մորմոքումով կը թողուն Ամրտոլը, կը շրջին վանքեր եւ մենաստաններ, եւ հուսկ կանգ կ’առնեն «Սրբոյն Գլակայ լուսաշէն վանքը», ուր Տարօնի ժողովուրդը եւ մանաւանդ Կարապետ Եպիսկոպոսը անկեղծ սիրով ու համակրանքով կ’ընդունին զիրենք։ Իրենք ալ` իբրեւ միաբան, ոգիով կ’աշխատին Սուրբ Կարապետի վանքին բարեկարգութեան եւ վիճակի բնակչութեան հոգեւոր կրթութեան համար։ Վանքին պարտքերուն համար հանգանակութիւն կատարելու նպատակով` Կոլոտ 1712 թ. կ’երթայ Պոլիս, ուրկէ զինք կը ղրկեն Երուսաղէմ` Սուրբ Յակոբայ վանքին պարտքերն ալ կարգադրելու համար։ Պոլիս վերադարձին` Յովհաննէս Գանձակեցիի կամովին հրաժարումով, Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարք կ’ընտրուի 1715 թ.։ Պոլիս` ուր Հայոց Պատրիարքութիւնը ամօթալի իրականութիւններու մէջ աղտոտած էր, աշխարհական-եկեղեցական զիրար կը բզքտէին` պատրիարք
165
ըսուելու համար, Կոլոտ իր սիրած համալսարանին դրոշմը չէ եղծած այս աղտոտ միջավայրին մէջ։ Քառորդ դար` «անընդհատ եւ առանց սովորական եղած միջադէպի» Կոլոտ Յովհաննէս կը վարէ պատրիարքութիւնը, «երբ պատրիարքութեան տենչանքով տանջուողներ, թէ՛ Էջմիածնի նուիրակներ, թէ՛ առաջնորդներ, թէ՛ Պոլսոյ մէջ լճացած եկեղեցականներ ազգին աղբիւրի պէս յորդող դրամները ամէն օր պատուանդան կ’ընէին պատրիարքական աթոռը բարձրանալու»։ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը` կը բացատրէ Բաբգէն վրդ., իր արդի կազմակերպութիւնը եւ ինքնակառավարութիւնը շատոնց կորսնցուցած պիտի ըլլար, եթէ Կոլոտ պատրիարքը` նրբին հեռատեսութեամբ, Պոլսոյ Աթոռէն զատելով զայն, ի գլուխ չհանէր Սուրբ Յակոբայ Աթոռին բարեկարգութիւնը` Շղթայակիր Գրիգոր Պատրիարքին հետ։ Թէ ինչու միացուցած էին այս երկու աթոռներուն պատրիարքութիւնը` իրաւ որ շատ յայտնի չէ, կը խոստովանի Բաբգէն վրդ., ինչ որ որոշ կերպով կարելի է ենթադրել` այս է. Պոլսոյ պատրիարքները ծախսելու համար մեծ գումարներու պէտք ունէին, որովհետեւ պատրիարքութիւնը կաշառքով կը գնուէր, եւ նման ծախքերու համար` Սուրբ Յակոբայ գանձարանէն աւելի հարուստ տեղ ո՞ւր կարելի էր գտնել։ Աթոռներու միութիւնը` ինչ պատրուակի ներքեւ ալ եղած ըլլայ, աղիտաբեր հետեւանքներ ունեցած է։ Կոլոտի բոլոր յաջողութիւններուն գաղտնիքը` իր եւ Շղթայակիրի համաշունչ միացումն էր. երկու գործունեայ հոգիները իրարմով կը սնանէին, իրարմով կ’ապրէին։ Գաղափարակցութեան այսպիսի հանդիսաւոր, այսպիսի օրինակելի արտայայտութիւն շատ քիչ կը պատահէր` մանաւանդ եկեղեցականներու կեանքին մէջ, կ’աղաղակէ միշտ ճշմարտախօս Բաբգէն վարդապետը։ Ժամանակին մոլութիւններէ՞ն թէ նորութիւններէն մէկը եղած է «աստուածաբան» կոչուելու տենդը, կը յայտնէ նոյն արժանահաւատ հեղինակը, այնպէս որ գրեթէ բոլոր պատրիարքները կաթողիկոսներ եւ աչքի զարնող վարդապետներ` անպատճառ աստուածաբան, հռետոր, պերճախօս, քաջաքարոզ րաբունապետ կոչուելու մարմաջ ունեցած են։ Իր ուղղաշաւիղ քաջաքարոզութիւններով` աստուածաբանութեան գերազանց վարդապետ Կոլոտ պատրիարքը մեր ազգին նոր Ոսկեբերանը ըլլալու համբաւը վայելած է։ Իսկ Պոլսոյ համար նորութիւն մըն էր Ամրտոլի համալսարանին բեմական ուղղութիւնը` որ պիտի առինքնէր ժողովուրդը, մանաւանդ երբ մայրաքաղաքին եկեղեցիներուն բեմերը այն շրջանին հոգեւոր կեանք չունէին, ոչ ալ հոգեկան բարձրութիւն։ Հայ եկեղեցւոյ գաղափարախօսները միշտ ընդունած են գիտութեան կարեւորութիւնը, եւ միակ ճշմարիտ գիտութիւնը համարած են աստուածաբանութիւնը։ Բնական գիտութեան հետեւի հերձուած, իսկ հաւատոյն` ուղղափառութիւն, – կը
166
սահմանէր Գրիգոր Տաթեւացին։ Եւ արդարեւ, իր օրերէն սկսելով, յետագայ դարերուն ալ, նշանաւոր վարդապետներ ջանացած են օգտուիլ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աստուածաբանական գրականութենէն։ Իր դարուն արեւմտեան զարգացումը բարի նախանձով կը լեցնէ նաեւ աստուածաբան Կոլոտին սիրտը, կը բացատրէ իր կենսագիրը։ Կաթողիկէութիւնը` որ իր սնունդը կ’առնէր Արեւմուտքէն եւ կը ճոխանար մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, իր օտար աստուածաբաններով, հեղինակութիւններով կամ թարգմանութիւններով, անշուշտ կարեւոր կշիռ մը ունին անոր նախանձախնդրութիւնը ուժաւորելու մէջ։ Որպէսզի մութին մէջ չխարխափին Հայ եկեղեցւոյ պաշտօնեաները, ամենիմաստ վարդապետը` Կոլոտ կը վճռէ լատին աստուածաբանական միտքի արտադրութիւնները հայացնել։ Կոլոտ` իր մեծ ծրագիրը իրագործելու համար աջակից կ’ունենայ լատինագէտ եւ իտալագէտ Խարբերդցի Ղուկաս վարդապետը, որուն թարգմանած բազմաթիւ երկերով կը ճոխանայ եկեղեցական գրականութիւնը։ Մասնագէտի մը գնահատումով` այդ թարգմանութիւնները, եթէ ոչ որակի` գոնէ քանակի կողմէն կը գերազանցեն ոսկի եւ արծաթի դարերուն բոլոր թարգմանութիւնները։ Այդ աշխատանքը կատարուեցաւ այնպիսի ժամանակի մը` «երբ գրական աշխարհը ամուլ էր եւ հոգեւոր իշխանութիւնները բնաւ չէին խորհած կամ չէին կրնար խորհիլ գրական պահանջներու վրայ»։ Սակայն, աստուածարեալ Կոլոտին այնքան հոգածութեամբ եւ ծախքով մէջտեղ բերած թարգմանութիւնները բոլորէն խանդավառ ընդունելութիւն չեն գտներ։ Մանաւանդ եկեղեցական դասը` նախանձով կուրցած եւ Մայրենի եկեղեցւոյ աւանութիւններուն նախանձախնդրութեամբ դիմակաւորուած, աննպաստ գաղափարներով կը պղտորէր հասարակական միտքը։ Աստուածաբանական երկի մը յիշատակարանին մէջ, Կոլոտ հաստատապէս կ’ըսէ` թէ «զի գրեթէ սա է ամենունակ գանձարան եւ ամենաբարի մառան եւ ամենայն մրգաց եւ ծաղկանց մենարան»։ Անվկանդ շարունակելով իր ձեռնարկը, իմաստուն պատրիարքը իր թարգմանել տուած գիրքերուն համար կ’ըսէ, թէ «ումեք դիպեսցի տեսանել զայսոսիկ գրեանս` գիտել կարէ թէ ոչ ի զուր ինչ ընթացեալ իցեմ»։ Կոլոտի կատարած գործը լաւ գնահատելու համար, կը թելադրէ Բաբգէն վարդապետ, պէտք է ուսումնասիրել Սկիւտարի մէջ հիմնած իր դասատունը կամ դպրատունը, որուն գործունէութիւնն ալ շատ ծանօթ չէ մեզի, սակայն ինչ որ անժխտելի է, այդ Նոր Ամրտոլը ԺԸ. դարու Թուրքիոյ հայոց մտաւորական կեանքին մէջ հանգրուան մըն է, իսկ այդ դպրոցին փայլուն ներկայացուցիչն է Նալեան Յակոբ պատրիարքը, առատ արտադրող եւ հմուտ միտք մը, ըլլայ պատրիարքական թէ գրական գործունէութեան մէջ կը ներկայացնէ Կոլոտին դպրոցը եւ դարուն բարքերը։
167
Կոլոտի պատրիարքութեան ժամանակամիջոցը կրնայ նկատուիլ սկզբնաւորութիւնը Կ. Պոլսոյ հայերու կրթական եւ գրական զարգացումին, կը հաւաստէ պոլսեցի բանասէր Հրանտ Ասատուր։ Սակայն պէտք է ըսել, որ Կոլոտի դպրոցը չյաջողեցաւ այդ ուղղութիւնը ընդմիշտ հաստատել իր յառաջ բերած գրական շարժումին մէջ։ Այդ բանը լիապէս վերապահուած էր միայն մեծ դպրոցին` Մխիթարեաններուն, կ’եզրակացնէ պատմաբան Լէօ։ Սուրբ Ղազարի մէջ սկսած լուսաւորական աշխատանքներու օրինակը վարակիչ եղած է ուրիշ գաղթօճախներու համար ալ։ Այսպէս, Կ. Պոլսոյ մէջ Կոլոտ պատրիարքը Մխիթար Սեբաստացիի օրինակէն թելադրուած, հայ ազգը տպագրութեան արուեստին մասնակից ընելու խորհուրդով` տպագրել տուած է շատ գիրքեր, որոնց մէկ մասը լոյս տեսած են իր ծախքով։ Հայ իրականութեան մէջ լուսաւորական շարժումին նախաքայլերը հետազօտող բանասէր մը` նշանակալից եւ ժամանակին համար ողջունելի կը գտնէ այն լայնախոհութիւնը, որ հանդէս կը բերէին հայ յառաջադէմ գործիչները` մերժելով կրօնական խտրականութիւնը եւ դաւանական իրերամերժութիւնը։ Ըլլալով լուսաւորչադաւան` անոնք կ’ըմբռնէին եւ կը գնահատէին մշակոյթի զարգացումին համար Մխիթարեաններուն ծաւալած ազգանուէր գործունէութիւնը։ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքը պերճախօս քարոզութիւններով, սիրոյ եւ խաղաղութեան յորդորներով կ’արդիւնաւորէ իր կեանքը, եւ իր ձեռնասուններով շրջապատուած` իր հոգին կ’աւանդէ 1741 թ. Փետրուարի 13-րդ օրը։ ***
Ամբողջացնելու համար մեծանուն պատրիարքին դիմաստուերը, այստեղ կ’ուզենք յապաւումներով ներկայացնել Երուսաղէմի պատմաբաններէն` Սաւալանի կարծիքը։ Յովհաննէս Կոլոտ մեծ խոհականութեամբ վարեց Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը` այնպիսի ժամանակ մը, երբ կրօնական յուզումներով եւ քանի մը փառամոլ եկեղեցականներու պատճառով վրդովումներու մատնուած էր ազգը։ Ան շատ աշխատեցաւ վերցնել ծագում առած կրօնական հերձուածները եւ վերահաստատել հայ եկեղեցիին խաղաղութիւնը, բայց չկրցաւ բոլորովին յաղթահարել ըմբոստ միտքերը` որոնք աւելի քմահաճ վարդապետութիւններու եւ օտարուսուցոյց առաջնորդներու կիրքերու խաղալիք եղած էին, քան հետեւելով ողջամիտ պատրիարքին ճշմարիտ եւ լուսաւոր վարդապետութեան։ Բայց Կոլոտ չէր ուզեր անոնց խիղճին եւ ազատութեան վրայ բառնալ` ինչպէս սովոր էին նոյն դարերուն. այդ պատճառով ոչ միայն Ֆրանսայի դեսպաններէն, այլեւ արեւմտեան եկեղեցիէն սէր ու մեծարանք կը վայելէր։ Յովհաննէս Կոլոտի պատրիարքութեան օրով տեղի ունեցած աղտոտ գործարքի մը մասին շատ հետաքրքրական վկայութիւն մը յայտնաբերած է Եգիպ-
168
տոսի հայոց երջանկայիշատակ առաջնորդներէն, մաքրակենցաղ եւ ուսումնասէր Աղաւնունի Սրբազանը։ Փարիզի Ազգային Մատենադարանի հաւաքածոն ճոխացնելու առաջադրութեամբ` երկու ֆրանսացի կրօնաւորներ Արեւելք կ’ուղեւորին։ Անոնցմէ Հայր Սըվէն` Կ. Պոլիս հասնելուն, բարեկամներու աջակցութեամբ ձեռք կը բերէ հայերէն լեզուով գրչագրեր։ Հայ ոսկերիչ մը` իր ունեցած 250 ձեռագիր հատորները կը փորձէ 15.000 ֆրանքի վաճառել, սակայն Հայր Սըվէն կը ջանայ աւելի աժանագին ձեռք ձգել այդ հաւաքածոն։ Ի վերջոյ, երկու կողմերուն ճարպիկ դարձուածքները կը խափանեն այս առեւտուրը, որով ոսկերիչը կը յայտնէ` թէ հայ եկեղեցականները արգիլած են ձեռագրի վաճառումը. բարեբախտաբար այս ձեւով չի յաջողիր ձեռագրական գանձի մը փոխադրութիւնը։ Հայր Սըվէն համարձակութեամբ տեղեկագրած է նաեւ, թէ 33 դահեկանի ծախքով մը` մէկու մը միջոցով Պէշիկթաշի հայոց եկեղեցիէն շորթել տուած է թանկագին ձեռագիր մը, որովհետեւ արգիլուած էր ձեռագիրը ձեռքէ հանել։ Նման ձեռնարկ մըն ալ յաջողցուցած է Խրիմի մէջ, հայոց առաջնորդէն շորթել տալով «խիստ հետաքրքրական հատոր մը, որուն գիրերը հայերէն են, իսկ լեզուն թաթարերէն», բովանդակութիւնն ալ կը վերաբերի հայ եւ յոյն եկեղեցիներու դաւանական վէճերուն։ Յովհաննէս Կոլոտ աչալուրջ հետեւելով այդ աններելի գործունէութեան, Հայր Սըվէն կը գրէ` թէ մեր գնումները տհաճութիւն կը պատճառեն Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին, որ ազդարարած է հայերուն ձեռագիր չծախեն, կամ ինք գնէ սուղ գիներով։ ***
Կոլոտ` աստուածաբան վարդապետը, իր բեղուն գործունէութեամբ եւ վարքով, իր ապրած շրջանը պճնեց բացառիկ փառքով։ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքը լաւագոյնս հետազօտած Օրմանեան Սրբազան (որ Կոլոտի եւ իր արտաքին կերպարանքին միջեւ նմանութիւններ ուզած են տեսնել ժամանակակիցները), կը պատգամէ` թէ Կոլոտ մականուանեալ Յովհաննէս Պատրիարքը ոչ միայն իր դարուն, այլեւ շատ դարերու համար կարկառուն դէմք մըն է. կարողութեամբ եւ արդիւնքով մեծ, որ Սահակներու եւ Շնորհալիներու պէս հռչակ եւ պաշտամունք իսկ ունեցած կ’ըլլար` եթէ աւելի հին դարերու մէջ ապրած ըլլար։
Յարգելի ներկաներ, Կոլոտ Պատրիարքի ծննդեան երրորդ դարադարձը` յարմար առիթը կը նկատենք, պահ մը անդրադառնալու նաեւ վերանորոգ Հայ Կաթողիկէ
169
Պատրիարքութեան եւ Զմմառեան Կաթողիկոսական Կղերի Միաբանութեան հիմնադրին` երջանկայիշատակ Աբրահամ-Պետրոս Ա. կաթոկիկոսին կեանքին գլխաւոր դրուագներուն մասին, մեր շատ համեստ մասնակցութիւնը բերելու համար անոր ծննդեան երեքհարիւրամեայ յոբելեանի հանդիսութիւններուն։ Կոլոտի պատրիարքութեան շրջանին իրագործուած` Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան մէջ, Այնթապցի Աբրահամ Արծիւեան կը հանդիսանայ առաջին կաթողիկոս-պատրիարքը, եւ միաժամանակ հիմնադիրը Զմմառու վանքին կաթողիկոսական Կղերի Միաբանութեան։ Աբրահամ Արծիւեան ծնած է 1679 թ. Ապրիլ ամսուն, Այնթապի մէջ, բարեպաշտ Յովնանի եւ Զմրուխտի խոնարհ յարկին տակ։ Իր կենսագիրները կը յայտնեն` թէ ութ տարեկանին կը յանձնուի առաքինի քահանայի մը հոգածու խնամքին։ Մանկութենէ գիտցայ սուրբ հաւատքը, – կը պատմէ Արծիւեան իր ինքնակենսագրութեան մէջ, – տասներկու տարեկանիս` Պօղոս եպիսկոպոսէն ստացայ դպրութեան փոքր աստիճանները։ Գաղտնի կերպով գացի Մերտինի Մելքոն եպիսկոպոսին մօտ եւ վեց տարի կրթութիւն ստանալէ ետք դարձայ ծննդավայրս, ուր բռնաւորներուն յանձնեցին զիս սուրբ հաւատքիս համար։ Ծնողքս չէր ուզեր որ քաղաքէն հեռանամ, որովհետեւ միակ մանչ զաւակն էի եւ ծնողքիս կամքով նշանուած էի, – կը շարունակէ ան։ Երբ չկրցայ գոհացում տալ անոնց, գաղտնի անցայ Մարաշ քաղաքը եւ այնտեղէն ալ` Սիս, ուր Պետրոս կաթողիկոսը սիրով ընդունեց զիս, իր գրագիրը, գանձապահը եւ խորհրդակիցը ըրաւ, ապա կիսասարկաւագ, աւագ սարկաւագ եւ քահանայ ձեռնադրելէ ետք, վարդապետական մասնաւոր իշխանութիւն տուաւ աթոռակալ քահանաներուն հաճութեամբ, եւ ես ամէն տեղ կը շրջէի քարոզելով հռոմէական սուրբ հաւատքը։ Պետրոս կաթողիկոսին հետ գացի Հալէպ քաղաքը, ուր քարոզներովս բազմացած հաւատացեալները խնդրեցին` որ նոյն քաղաքին եպիսկոպոս ըլլամ։ Հալէպի Սուրբ Քառասուն Մանկունք եկեղեցիին մէջ` Պետրոս կաթողիկոսէն արքեպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք, կը սկսի Արծիւեանի հալածական, տառապալից, աստանդական կեանքը եւ առաքելական գործունէութիւնը, մինչեւ 1749 թ. Հոկտեմբերի 1-ը, երբ կ’աւանդէ իր վաստակած հոգին։ Ծննդեան երեքհարիւրամեակի յոբելինական տօնակատարութիւններուն առիթով, Զմմառու վանքին այժմու մեծաւորը հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտարարէ` թէ Արծիւեան կաթողիկոս վերակազմակերպելով Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը, չէ ուզած ամենեւին խզում յառաջացնել հայ ազգին ծոցին մէջ, այլ` շեշտել իրաւունքը, իր եւ իր հաւատակիցներուն, ապրելու եւ գործելու ըստ իրենց կրօնական համոզումներուն։ ***
170
Հայ մշակոյթի պատմութենէն լուսաւոր դրուագներու մեր անցողակի ներկայացումէն ետք, կ’ուզենք եզրակացնել` որ ԺԸ. դարու առաջին յիսնամեակը, թէեւ յուզումնալի անցքերով լեցուն, սակայն յաջողութիւններով պսակեց մշակութային վերանորոգումի շարժումը եւ համարձակօրէն մօտեցաւ եւրոպական լուսաւորութեան ակունքներուն։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 4 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.472 6 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.473 7 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.474 8 Փետրուար 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.475
171
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՈՒՄ ՃՆՇՈՒԱԾ ԱԶԳԵՐՈՒ ՀԱԿԱՍՈՒԼԹԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՌՆԻ 65-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Արիւն է եղել աշխարհում։ – Եղել է եղեռն ու կռիւ։ ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ ´³Ý³ËûëáõÃÇõÝ` вРÎáϳݻ³Ý êñ³Ñ« 23 ²åñÇÉ 1980£ Ճնշուած ազգերու հակասուլթանական եւ ազգային-ազատագրական պայքարին նկատմամբ` թուրքերու քաղաքական հայեացքները բնութագրելու եւ պարզաբանելու համար, ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը կը կատարուին գիտական հետազօտութիւններ, որոնց շատ ամփոփ վերաքաղը` այս երեկոյ, Մեծ Եղեռնի վաթսունհինգերորդ տարելիցին առիթով, կը փափաքինք նեկայացնել հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարի պատմութեամբ հետաքրքրուող յարգելի ներկաներուն։ ***
Օսմանեան ընդարձակածաւալ կայսրութեան քաղաքական պատմութիւնը` մանաւանդ ԺԹ. դարու 60-70-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ Ի. դարու առաջին տասնամեակները ընդգրկող ժամանակահատուածը, զոր պատմաբանները իրաւամբ «զուլումի» ժամանակաշրջան կոչած են, համապատկեր մըն է համատարած աւերածութեան դրուագներու եւ քստմնելի կոտորածներու։ Արդէն անցեալ դարու կիսուն, փտած պետականութեամբ իր գոյութիւնը քաշկռտող տէրութիւնը` որ «հիւանդ մարդ» անունով սկսած էր յորջորջուիլ, ապացուցած էր ճնշուած ժողովուրդներու, ինչպէս նաեւ նուաճուած երկիրներու վրայ իր գերիշխանութիւնը պահպանելու անկարող ըլլալը։ Դրամատիրական-արտադրական յարաբերութիւններու ժամանակաշրջանին` Թուրքիա կ’ենթարկուի ֆրանսական, անգլիական եւ ապա գերմանական տնտեսական ներխուժումին, կայսերապաշտ երկիրներուն համար դառնալով «տնտեսական հողամաս մը», աստիճանաբար յառաջ բերելով կիսագաղութային
172
դրութիւն։ Այն ատեն, եւրոպական պետութիւններուն ձգտումը կ’ըլլայ տնտեսապէս եւ քաղաքականօրէն շահագործել կործանումի մօտ եղող օսմանեան սուլթանութիւնը, օգտագործելով հարստահարուած ժողովուրդներու ազգայինազատագրական շարժումները։ Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն կենսունակ հպատակներէն` արեւմտահայերուն ճակատագիրը սերտօրէն առընչուած մնացած է թուրք ժողովուրդին ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումի ճանապարհին` հարիւրամեակ մը առաջ ծնունդ առած քաղաքական վարդապետութիւններուն եւ անոնցմէ յառաջ եկած շարժումներուն, որոնց գաղափարախօսները` եւրոպական պատմագրութեան եւ հրապարակագրութեան մէջ յիշատակուեցան «երիտասարդ թուրքեր» անունով։ 1908 թ. պուրժուական յեղափոխութենէն ետք, երբ «Իթթիհատ վէ թերագգը»ն կառավարող կուսակցութիւն կը դառնայ, քաղաքագիտական այդ եզրը` ֆրանսերէն «ժէօն թիւրք» ձեւով, կը սկսի գործածուիլ նաեւ թրքերէն լեզուի մէջ։ Քաղաքական ասպարէզ մտած թուրք սահմանադրականները` որոնք իրենք զիրենք «նոր օսմանցիներ» կը կոչէին, օսմանեան կայսրութեան ամբողջական պահպանումը համարած են իրենց հետապնդած նպատակներուն կարեւորագոյնը. այսինքն` Արեւմտեան Հայաստանէն մինչեւ Պալքանեան թերակղզի, Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Արաբական թերակղզիի ժողովուրդները պիտի շարունակէին հեծել սուլթանին բռնապետական վարչակարգին ներքեւ։ Նոր օսմանցիներու գաղափարախօսները չեն ընդունած կայսրութեան ենթակայ ոչ-թուրք ժողովուրդներուն անկախ զարգանալու իրաւունքը, փորձած են նաեւ տեսականօրէն հիմնաւորել անոնց ազգային-ազատագրական «պայքարի աննպատակայարմարութիւնը»։ Այդ նպատակէն թելադրուած` նոր օսմանցիները բանաձեւած են «փանօսմանիզմ»ի վարդապետութիւնը, որ 1860-70-ական թուականներուն ձեւաւորուած է որպէս երիտասարդ թուրքերուն ազատականսահմանադրական շարժումին գաղափարական-քաղաքական կարեւոր հասկացութիւնը։ «Փանօսմանիզմ»-ը կ’ուզէր յանգիլ «ընդհանուր հայրենիք»ի բոլոր ժողովուրդներուն հաւասարութեան եւ միասնութեան գաղափարին, որ սակայն ոչ մէկ բանով կ’երաշխաւորուէր։ Նոր օսմանցի գաղափարախօսի մը սահմանումով, թուրքը` իր կատարած ռազմական, քաղաքական եւ մշակութային դերով, ամենաբարձր եւ հին ցեղն էր, իսկ թրքերէնը` աշխարհի ամէնէն կատարեալ եւ հարուստ լեզուն։ Նման գաղափարաբանութեամբ, նոր օսմանցիները կը սերմանեն «սանձարձակ ազգայնականութիւն», որ յետագային հիմը կը դառնայ «փանթուրքիզմ»ի յետադիմական վարդապետութեան։ Մինչեւ դարավերջ` աւատատիրական-սուլթանական ծայրայեղ բռնապե-
173
տական վարչակարգին հաստատումով, քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ` աւատատիրական-կրօնական յետադիմական տիրապետութեամբ, օսմանեան կայսրութիւնը դարձած էր իրաւազրկութեան եւ կամայականութեան երկիր։ Սուլթան Ապտուլ Համիտի յենարանը դարձած են յետադէմ կրօնաւորները, ինչպէս նաեւ վերնախաւի չերքէզ, քիւրտ եւ արաբ աւատատէրերը։ Սուլթանական «Եըլտըզ» պալատը` կեդրոնը եղած էր Համիտի մահաբեր իշխանութեան։ Անոր գաղափարական-քաղաքական վարդապետութիւնը` «փանիսլամիզմ»ն էր, որով պիտի ապահովուէր եւ ամրապնդուէր սուլթանին որպէս խալիֆա իշխանութիւնը` ոչ միայն օսմանեան կայսրութեան մահմետական հպատակներուն, այլ աշխարհի ամբողջ իսլամ ժողովուրդներուն վրայ։ ԺԹ. դարու վերջին շրջանէն մինչեւ Ի. դարու սկիզբը` երիտասարդ թուրքերու ցանցը կը տարածուի կայսրութեան զանազան մասերուն մէջ. բջիջներ կը ստեղծուին զինուորական ուսումնարաններու, կայազօրներու եւ սպայութեան շրջաններուն մէջ։ «Իթթիհատ վէ թերագգը» կուսակցութեան ղեկավարներէն` Ահմէտ Ռիզա, 1895 թ. Փարիզի մէջ կը ձեռնարկէ «Մեշվերէթ» անունով հանդէսի հրատարակութեան։ «Մենք կը ձգտինք աշխատիլ` ոչ թէ կառավարող գերդաստանի տապալումին համար, որուն գոյութիւնը անհրաժեշտ կը համարենք կարգ ու կանոնը պահպանելու, այլ յառաջդիմութեան տարածումին, խաղաղ ուղիով անոր յաղթանակին համար։ Մենք բարեփոխումներ կ’ուզենք բայց ոչ այս կամ այն նահանգին համար», – կը կարդանք այնտեղ` երիտասարդ թուրքերու հայեացքներուն մասին։ Երիտասարդ թուրքերը բացայայտ ընդդիմութիւն ցոյց տուած են` եւրոպական աջակցութեամբ կայսրութեան ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրական շարժումներուն դէմ։ Երիտասարդ Թուրքիոյ քաղաքական տեսաբանները` նոյն հանդէսին մէջ յայտարարած են. Մեր հողերու միասնութիւն եւ անբաժանելիութիւն։ Անոնք որոնք կը ձգտին պետութենէն անջատել մեր հողերուն մէկ մասը` հայրենիքի թշնամիներ են։ Միասնութիւն, կայսրութեան ամբողջականութիւն եւ անբաժանելիութիւն, գահին վրայ Օսմանի գերդաստանին պահպանում։ Սովետ պատմաբանի մը բնութագրումով` թուրքերը քրիստոնեայ ազգութիւններէն ետ կը մնային ոչ միայն ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային մակարդակով, այլեւ ազգային ինքնաճանաչութեան, ազգային գաղափարներու զարգացումին առումով։ Ազատական եւ բարենորոգչական գաղափարներով տոգորուած երիտասարդ թուրքերը` տակաւին չէին ըմբռներ ճնշուած «ազգու-
174
թիւններու բնական ձգտումը», անջատուելու կայսրութեան ամբողջութենէն եւ «բնազդաբար որոնելու ընկերային աւելի բարձր զարգացումի ուղին», ինչպէս արտայայտուած է գերմանացի անուանի հրապարակագիր Ռոզա Լիւքսեմպուրկը։ Անոնք մնացած են չափաւոր ազատական-պուրժուական բարենորոգումներու դիրքերուն վրայ, իսկ դարուս սկիզբը տարուած են «փանթուրանական» գաղափարներով, կամ ինչպէս կը նշեն քաղաքագէտ հեղինակները` «Ադրիականի ափերէն մինչեւ Չինաստանի սահմանները ընդգրկող կայսրութիւն մը» ստեղծելու ցնդաբանութիւններով։ Ի. դարու սկիզբը` երիտասարդ թուրքերու շարժումին մէջ յառաջ կու գան երկու հակընդդէմ հոսանքներ։ Առաջին հոսանքին ղեկավարները` Ահմէտ Ռիզայի հետեւորդներն էին, որոնք ծրագրուած յեղափոխութեան պարագային` կեդրոնացած պետութեան կողմնակից էին, իսկ եւրոպական տէրութիւններու միջամտութեան կամ մասնակցութեան` հակառակորդ։ Երկրորդ հոսանքին յարած իշխան Սապահէտտինի հետեւորդները հանդէս կու գային կայսրութեան ապակեդրոնացումի, ճնշուած ազգերու ինքնավարութեան իրաւունքները նկատի առնելու խոստումով։ 1907 թ. Դեկտեմբերին` Փարիզի մէջ կայացած հակասուլթանական կազմակերպութիւններու համաժողովին, որուն հայ պատուիրակներ ալ մասնակցած են, երիտասարդ թուրքերու տեսաբան Ահմէտ Ռիզան, համաժողովէն կը պահանջէ ճանչնալ սուլթանութեան եւ խալիֆայութեան իրաւունքը։ Քաղաքական նման հայեացքներով մարդոց ղեկավարած յեղափոխութիւնը` մեծ քաղաքագէտի մը նշումով, ժողովրդական յեղափոխութիւն չէր, կէս յաղթանակ էր, իսկ յետագայ զարգացումին մէջ` պարտութիւն կրեց, անձեռնմխելի ձգելով աւատատիրական կարգի հիմերը։ Ամբողջ ժամանակահատուածի մը պատմութիւնը խտացնելու մտահոգութեամբ` այս առիթով կ’ուզենք դիմել ատրպէյճանցի հեղինակաւոր արեւելագէտի մը վկայութիւններուն։ 1908-էն մինչեւ 1918 թ., օսմանեան կայսրութեան անկումին պատճառ եղող «Իթթիհատ վէ թերագգը» կուսակցութեան ղեկավարները վախցան, որ 1908 թ. իրենց կիսկատար յեղաշրջումը կրնար դեմոկրատական նոր ըմբռնումներ արթնցնել երկրին ժողովրդական զանգուածներուն մէջ, ուստի սահմանադրութեան անունով` օրէնքի շրջանակի մը մէջ ստեղծեցին այդ յեղաշրջումը եւ ջանացին սուլթան Համիտի ինքնակալութիւնը փոխել սահմանադրական-պուրժուական թագաւորութեամբ։ Երիտասարդ թուրքերը պուրժուական սահմանադրութիւն մը ստեղծելով` կը ձգտէին Թուրքիան վերածել եւրոպական կերպարով դրամատիրական պետութեան մը։ Թէեւ այս մասին ներքին պայքարներ ստեղծուեցան, սակայն 1913 թ. իթթիհատական բռնապետական վարչակարգը խափանեց պայքարը, եւ երկրին ղեկավարութիւնը յափշտակելով` չտեսնուած պատեհապաշտութեամբ
175
նետուեցաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին մէջ, որ Թուրքիոյ մեծագոյն աղէտը եղաւ։ Այս ծանր բեռան տակ` Թուրքիան կքեցաւ, ժողովուրդը աղքատացաւ, դժգոհութիւնները բազմացան։ Պատերազմէն օգտուեցան միայն մեծ հողատէրերը, ազգայնական պուրժուազիան եւ իթթիհատի ղեկավարները` որոնք մեծ հարըստութիւն դիզեցին։ Գերմանացիները զինուորապէս եւ ելեւմտապէս Թուրքիան իրենց ձեռքը առին եւ իսկական տէրը դարձան երկրին։ Իթթիհատի ղեկավարութիւնը` 1915-1916 թթ. համագումարներէն բացառիկ իրաւասութիւններ ստացած էր ու ինքնագլուխ կը շարժէր։ Ընդարձակածաւալ օսմանեան կայսրութիւնը ութ հոգինոց իթթիհատական խմբակին ձեռքը խաղալիք դարձած էր։ Իթթիհատական ղեկավարները` օգտուելով պատերազմէն, իրենց ազգայնական կատաղի թշնամութիւնը գործադրեցին ազգային փոքրամասնութիւններուն վրայ, կազմակերպելով ջարդեր։ Իթթիհատականները` 1915-1917 թթ., մէկուկէս միլիոն հայեր իրենց բնակավայրերէն հանելով աքսորեցին ուրիշ տեղեր։ Անոնք մէկ միլիոնէ աւելի հայեր մեռցուցին։ Չմեռան անոնք` որոնք դրացի երկիրներ փախան։ Տեղահանուած եւ ջարդուած հայերու տեղերը` Մակեդոնիայէն բերուած թուրք գաղթականները տեղաւորուեցան։ 1917 թ. Հոկտեմբերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը յարմար առիթ ստեղծեց, որ Թուրքիա թեթեւ պայմաններով քաշուի պատերազմէն. սակայն իթթիհատի ղեկավարները ուզեցին օգտուիլ ռուսական զօրքերու Կովկասէն հեռացումէն եւ գրաւել ամբողջ Անդրկովկասը։ Այդ նպատակով, Միջագետքի ճակատէն թուրք զօրքերը քաշելով` Կովկասի վրայ ղրկեցին, սակայն չկրցան գրաւել Կովկասը, տկարացուցին Միջագետքի ճակատը եւ Թուրքիան յանձնեցին յաղթական Համաձայնականներուն։ «Իթթիհատ վէ թերագգը» կուսակցութեան վերջին համագումարը` որ Թալէաթ փաշայի նախագահութեամբ գումարուեցաւ 1918 թ., ընդունեց որ Իթթիհատի քաղաքականութիւնը վերջնականապէս սնանկացած էր, որուն հետեւանքով` կուսակցական ղեկավարներու մեծ մասը գերմանական ռազմանաւով փախաւ երկրէն։ Ահա այսպէս` Իթթիհատը տասը տարուան մէջ` վերջ դրաւ վեցհարիւր տարուան օսմանեան կայսրութեան, – կ’եզրակացնէ պերճախօս վկայութեամբ ատրպէյճանցի գիտնականը։ ***
Դուրս գալով օսմանեան կայսրութեան քաղաքական մթնոլորտէն, պահ մը կանգ առնենք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։
176
Արեւմտահայերու ազգային-ազատագրական շարժումին արտայայտութիւններէն մէկը եղած է գործօն մասնակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը ռուսթրքական պատերազմներուն` որոնք տեղի ունեցան 1853-1856 եւ 1877-1878 թուականներուն, որովհետեւ հայ ժողովուրդին զանգուածները` ռուսական բանակը նկատած են իբրեւ իրենց ազատարարը։ Պատմական այս իրողութիւնները կը վկայեն` որ հայկական կուսակցութիւններու կազմութենէն շատ առաջ, ԺԹ. դարու 50-60-ական թուականներուն, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ` հայ ժողովուրդին ազատագրական շարժումը ընդհանուր բնոյթ ստացաւ, եւ վերածուեցաւ ազգային-ազատագրական շարժումի` սուլթանական բռնապետութեան դէմ։ Սակայն, հայերու նկատմամբ սուլթանական կառավարութեան հետապնդած քաղաքականութիւնը` հայ ժողովուրդին ազգային-ազատագրական ձգտումներուն հետեւանքը չէ։ Արդէն 1869 թ. Սուլթան Ապտուլ Ազիզի յղած կտակ-նամակին մէջ, Արեւելեան հարցը հրապարակէն հանելու, Թուրքիոյ սպառնացող վտանգը կանխելու նպատակով, Ֆուատ փաշան կը պահանջէր առաջին հերթին միաձուլել հպատակ ժողովուրդները եւ ամէն կերպ խափանել անոնց ազատագրական տենչերը։ «Մեր քրիստոնեաները չափէ դուրս կը շտապեն իրենց նախկին տէրերուն տեղը բռնել, – կը գրէ Ֆուատ փաշան։ – Մանաւանդ հայերը` այդ կողմէ չափազանց ձգտում ցոյց կու տան։ Արդար պիտի ըլլար չափաւորել անոնց եռանդը, բանալով պետական ծառայութիւններու ասպարէզ միայն անոնց համար, որոնք անկեղծ կերպով կ’ընդունին մեր կառավարութեան սկզբունքները։ «Մեր ներքին գործերուն մէջ` բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուած ըլլան դէպի մէկ նպատակ. միաձուլել մեր ազգը։ Առանց այդ միաձուլումին` մեր կայսրութեան ապագայ գոյութիւնը անհնարին կը թուի։ «Արեւելեան կայսրութիւնը կրնայ գոյութիւն ունենալ միայն` Արեւելքի բոլոր ազգերուն միացումով»։ Անցեալ դարու վերջին քառորդին, այդ քաղաքականութիւնը որոշակի բնորոշած է նաեւ մեծ վեզիր` անգլիասէր Քեամիլ փաշան, որ եւրոպական Թուրքիոյ ոչ-մահմետական ժողովուրդներու ազատագրական շարժումներն ու եւրոպական պետութիւններու միջամտութիւնը յիշելով, կ’ըսէ. Եթէ Եւրոպայի մասին մէջ` մեր ծոցը օձ սնուցինք` պէտք չէ, որ նոյն յիմարութիւնը գործենք մեր Ասիական Տաճկաստանի մէջ. խելօքութիւնը ջնջել վերցնել է այն բոլոր տարերքը, որ օր մը կրնան նոյն վտանգին ծնունդ տալ եւ օտարին ձեռնմխութեան առիթ եւ գործիք ըլլալ։ Հիմա Անգլիոյ շահերը կը պահանջեն, որ փոքր Ասիոյ (մենք եւ Անգլիան Հայաստան բառը ոչ միայն չենք ճանչնար, այլ այդ անունը հնչող կզակները պէտք է ջախջախենք, - կը յայտնէ Քեամիլ փաշան փակագիծի մէջ) մեր ունեցած երկիրները ազատ մնան օտարին միջամտութենէն եւ միջամտութեան ամէն առիթներէն. ուստի այդ սուրբ նպատակին համար պէտք է
177
եւ պետական իրաւունքը կը պահանջէ, որ ոեւէ կասկածելի տարր անհետ ընենք, որպէսզի ապագան ապահովենք. ուրեմն այդ հայ ազգը վերցնելու, անհետ ու անճիտ ընելու ենք։ Եւ այդ ի գլուխ հանելու համար բան չի պակսիր մեզ, ամէն գործիք պատրաստ ունինք. կուսակալ, դատաւոր, հարկահան, ոստիկան, վերջապէս ամէն ինչ։ Կրօնական պատերազմ կը յայտարարենք եւ դիւրին պատերազմ այնպիսի ազգի մը դէմ` որ ոչ զէնք ունի, ոչ զինուորութիւն եւ ոչ պաշտպան։ Եւ եթէ հայ ազգը բնաջինջ ըլլայ եւ քրիստոնեայ Եւրոպան կրօնակից մը փնտռէ եւ չգտնէ Տաճկական Ասիոյ մէջ, մեզի հանգիստ կը թողու եւ այն ատեն կը զբաղինք ներքին գործերով եւ բարեկարգութեամբ։ «Իթթիհատ վէ թերագգը» կուսակցութեան ղեկավարներէն` Մելվան Զատէ Ռիֆաթը իր յուշերուն մէջ կը պատմէ 1915 թ. սկիզբները կայացած կուսակցութեան մէկ գաղտնի խորհրդակցութեան մասին, ուր որոշուած է ոչնչացնել Թուրքիա բնակող ամբողջ հայութիւնը։ Այդ որոշումին գործադրումը յանձնարարուեցաւ ոճրագործներէ եւ աւազակներէ կազմուած յատուկ խումբի մը, իսկ ղեկավարութիւնը` Գործող եռեակին, որուն մէջ կը մտնէին տոքթէօր Նազըմը, տոքթէօր Պեհաէտտին Շաքիրը եւ կրթական նախարար Շիւքրին։ Զեկուցողներէն` Տոքթ. Նազըմ ըսած է. Եթէ մենք բաւականանանք մասնակի ջարդերով, ինչպէս տեղի ունեցան 1909 թ. Ատանայի եւ այլ շրջաններու մէջ, ատիկա օգուտի փոխարէն` մեզի վնաս կը պատճառէ։ Եթէ մաքրումը ընդհանուր եւ վերջնական չըլլայ, օգուտի փոխարէն` վնասը անխուսափելի է։ Անհրաժեշտ է հայ ժողովուրդը ոչնչացնել հիմնովին, այնպէս որ մեր հողերուն վրայ ոչ մէկ հայ մնայ եւ հայ անունն ալ մոռցուի։ Ներկայիս պատերազմ կը մղուի, եւ նման յարմար առիթ այլեւս չ’ըլլար։ Օտար երկիրներու միջամտութիւնը եւ թերթերու բողոքը աննկատ կը մնայ, նոյնիսկ եթէ նկատուի ալ, անոնք կը դրուին կատարուած փաստի առջեւ եւ ատով հարցը վճռուած կ’ըլլայ. ջարդը անհրաժեշտ է։ Ես կը փափաքիմ, որ մեր հողերուն վրայ ապրին միայն թուրքերը` իբրեւ անկախ իշխաններ։ Բոլոր ոչ-թուրք տարրերը պէտք է ոչնչացնել։ Այսպէս է մեր յեղափոխութեան նպատակն ու ծրագիրը։ Նիստի եզրափակումին` նախագահ Թալէաթ փաշան կը նշէ. Հայերու ոչնչացումը` մինչեւ վերջին մարդը, մեր ազգային քաղաքականութեան համար այն աստիճան կարեւոր է թուրքերու տնտեսական գերիշխանութեան ստեղծումը։ Այդ որոշումին կը յաջորդէ 1915 թ. Ապրիլ 15-ի կառավարական ցուցմունքը` ներքին գործոց նախարար Թալէաթի, պատերազմական նախարար Էնվէրի եւ կուսակցութեան քարտուղար Նազըմի ստորագրութեամբ, ուր ըսուած է.
178
Որեւէ տեղ եւ որեւէ կերպ հայկական հարցի յառաջ մղումը կանխելու համար, օգտուելով պատերազմի ընձեռած անկախութեան հնարաւորութենէն, կառավարութիւնը եւ Իթթիհատ վէ թերագգը կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն որոշած են ընդմիջտ վերջ տալ յիշեալ հարցին, բնաջնջելով այդ օտար տարրը` հայերը, արտաքսելով զանոնք Արաբիոյ անապատները` մեզի տրուած գաղտնի ցուցումին համաձայն։ Կառավարութիւնը եւ Իթթիհատի Կեդրոնական Կոմիտէն կը դիմեն ձեզի եւ ձեր հայրենասիրութեան, եւ կը հրամայեն` ձեր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր ոյժերով օգնել Իթթիհատ վէ թերագգըի տեղական մարմիններուն, որոնք Ապրիլի 24ին արեւածագէն սկսեալ, գաղտնի կարգադրութեան համաձայն` պէտք է ձեռնարկեն այդ հրամանի իրագործումին։ Ամէն մէկ պաշտօնական կամ մասնաւոր անձ` որ կ’ընդդիմանայ այդ սրբազան եւ հայրենասիրական պարտքին եւ չի կատարեր իր վրայ դրուած պարտականութիւնները, կամ կ’աշխատի որեւէ կերպով պաշտպանել կամ թաքցնել այս կամ այն հայը, կը դիտուի որպէս հայրենիքի ու կրօնքի թշնամի եւ կը ստանայ համապատասխան պատիժ։ «Թէեւ հայկական տարրին բնաջնջումը նախօրօք որոշուած էր, – կ’ամբողջացնէ Թալէաթի գաղտնի հրամանը, – հանգամանքները թոյլ չէին տար իրականացնելու այդ սրբազան գործը։ Այժմ բոլոր խոչընդոտները վերցուած են։ Ստիպողաբար խորհուրդ կը տրուի չենթարկուիլ կարեկցութեան զգացումին, բոլորն ալ ոչնչացնելով` «Հայաստան» անունն անգամ աշխատեցէք ջնջել Թուրքիոյ մէջ։ Անոնց որոնց պիտի վերապահուի այս խնդրին իրականացումը` հետեւեցէք որ ըլլան հայրենասէր եւ վստահելի անձեր»։ Ուշագրաւ երեւոյթ մըն է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Տամատ Ֆերիտ, 1918 թ. Հոկտեմբեր 19ին խօսած իր պատմական ճառին մէջ` հայերու արտաքսումի պատասխանատուութիւնը կը դնէ ժամանակին կառավարութեան վրայ։ 1916 թ., թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուներով Սթամպուլ հրատարակուած Հայկական կոմիտէներու ապստամբական շարժումները Սահմանադրութեան յայտարարութենէն առաջ եւ յետոյ գիրքը քննադատելով, վարչապետ Տամատ Ֆերիտ կը նշէ, որ մէկ միլիոն հայերու դէպի արաբական անապատները արտաքսումը թելադրուած էր իբր թէ ռազմագիտական նկատառումներով։ Թուրք վարչապետը կը յայտնէ` որ ատիկա ոչ մէկ քննադատութեան կը դիմանայ եւ «կատարուած գազանութիւնները ոչ մէկ բանով արդարացնել հնարաւոր չէ»։ Ոչ մարդկութիւնը, ոչ քաղաքակրթութիւնը եւ ոչ ալ իսլամը չեն կրնար ընդունիլ այդ, – կ’եզրակացնէ թուրք պետական ղեկավարը։ ***
Յարգելի ներկաներ եւ շատ սիրելի պատանիներ, Քսաներորդ դարու մեծագոյն ոճիրին յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով
179
նախատեսուած մեր հակիրճ անդրադարձը` կ’ուզենք փակել, վաղուան սեմին առջեւ կանգնած գերզգայուն բանաստեղծին աղօթքը մրմնջլով. Թող սասանին ու փշրին բարձր բերդերն անառիկ Եւ իյնան վար պատնէշներն զրահապատ եսութեանց, Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնուի ամէն գանձ, Թող պարտէզները բացուին եւ թող խուժեն հոն մարդիկ Բայց չկոտրեն ոչ մէկ ծառ, չճզմեն ո՛չ մէկ ծաղիկ...։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 19 Մայիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.556 20 Մայիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.557 21 Մայիս 1980, 64-րդ տարի, թիւ 18.558
180
Հ.Բ.Ը.Մ.
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ ԻՐ ԱԴԱՄԱՆԴԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Щ´©À©Ø©Ç ÑÇÙݳ¹ñáõû³Ý 75³Ù»³ÏÇ ïûݳϳï³ñáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ ³éÇÃáí` º·ÇåïáëÇ Úáµ»ÉÇÝ³Ï³Ý Î³ñ·³¹Çñ Ú³ÝÓݳËáõÙµÇ Ëݹñ³Ýûù å³ïñ³ëïáõ³Í ³Ûë áõëáõÙݳëÇñáõû³Ý Ù¿ç« Ñ»ÕÇݳÏÁ û·ï³·áñÍ³Í ¿ ÙdzÛÝ Çñ ³ÝÓÝ³Ï³Ý ³ÕµÇõñÝ»ñÁ£ Ðð²î²ð²ÎÆâ زðØÆÜ
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
Գաղութային համայնքի մը արժէքը կը չափանշուի այնքան իր ունեցած հոգածութեամբ հայրենի երկրին կամ ազգային մայր զանգուածին հանդէպ` որքան իր ինքուրոյն հաւաքական կեանքին կենսունակութեամբ, – սահմանած է Սուրէն Պարթեւեան` «հայ կեանքը ապրած մարդու իր ծանօթ հոգեբանութեամբ»։ Ուղիղ չէ նախանձախնդիր գտնուիլ գաղութի մը նկարագիրը յատկանշող այս երկու առաւելութիւններէն մէկուն նկատմամբ, եւ անփութօրէն անտեսել միւսը։ Ի. դարու սեմին` թերեւս ոչ մէկ հայ գաղութ այնքան հարուստ եղած է մտաւորականութեամբ, որքան Եգիպտահայ Գաղութը։ Եգիպտահայ մտաւորականութիւնը անբաղդատելի առաւելութիւնը ունեցած է իրեն հետ` իր կողքին ունենալու եգիպտահայ պուրժուազին, եւ նոյնիսկ էսնաֆ ու արհեստաւոր դասակարգերը` որոնք մտաւոր աւելի բարձր մակարդակ մը, այլ մանաւանդ քաղաքացիական առաքինութիւններու գերազանց ընդունելութիւն մը կը ներկայացնեն` քան որեւէ ուրիշ երկրի իրենց համադասակից տարրերը, – շեշտած է կորովի հրապարակագիրը։ Ի՞նչ աւելի համոզիչ ապացոյց այս ճշմարտութեան` որքան յարածաւալ գոյութիւնը ազգային այն հոյակապ հաստատութեան, որուն ծնունդ տուաւ եգիպտահայը, որ իր փառքին անկորնչելի կոթողը պիտի մնայ, եւ որ կը կոչուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն։ Հայութեան մռայլամած հորիզոնները լուսարձակող նուիրական այս
181
փարոսին հովանիին տակ` եգիպտահայը աւելի զգաստ ու հոգեւին փարումով պէտք է նուիրուի ազգաշինութեան սուրբ դատանքին։ Անիկա ինքն իրեն առջեւ` պարտական է այս բոլորանուիրումը, որովհետեւ իր իսկ ստեղծած զմայլելի գործը` Հայկական Միութիւնը, բովանդակ հայութեան հանդէպ կը պարտադրէ զինք ատոր, – կ’եզրակացնէ պերճախօս հրապարակագիրը1։ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ադամանդեայ յոբելեանը` մեզի համար բարեպատեհ առիթ մըն է, մեր ժողովուրդին նորագոյն շրջանի պատմութեան մէկ ժամանակահատուածին տեղի ունեցած դէպքերուն վերաքաղը կատարելու, պատմական փաստերը առաւելաբար հաւաքելով` համազգային մեծագոյն կազմակերպութեան ղեկավար դէմքերու, ինչպէս նաեւ ժամանակակից յեղափոխական գործիչներու անտիպ յուշերը։ Հ.Բ.Ը.Միութեան պանծալի յոբելեանին առիթով, ներկայ փորձը պիտի ուրուագծէ արեւմտեան հայերու համազգային Ընկերակցութեան հիմնադրութեան պատկերը, եւ յատկապէս Եգիպտոսի շրջանակին մէջ անոր եօթանասունհինգ տարիներու կենսաբաշխ առաքելութիւնը։
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՈՒՄ Ի. ԴԱՐՈՒ ՍԵՄԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ Փրկութեան ու տառապանքի նժարովը Հայրենիքին բախտը կը կշռէի... ՍԻԱՄԱՆԹՕ
Հ. Բ. Ը. Մ.-ի կազմութեան պատմութեան ծանօթանալու համար` անհրաժեշտ է համակարգել անոր ծնունդին մասին յայտնուած բազմատեսակ կարծիքներէն մէկ քանին, զանոնք լուսաբանելով ժամանակին աշխարհայեցողութեան համապատասխան ձեւակերպուած ազգային գիտակցութեամբ։ ԺԹ. դարու վերջին տարիներուն` Օսմանեան կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կատարող կուսակցութիւններուն սոցիալ-քաղաքական դիրքաւորումը աւելի յանդուգն ըլլալուն, – կը վկայեն ժամանակակիցները, – հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած բարբարոսութիւններն ալ սաստկացած էին. այս առիթով, գրեթէ ամէն կողմ ձեռնարկուած է դրամահաւաքութեան թէ կուսակցութիւններուն եւ թէ աղէտեալներուն ի նպաստ։ Այդ միջոցին տեղի կ’ունենար Զէյթունի երկրորդ ապստամբութիւնը, եւ Հնչակեանները իրենց հաւաքած դրամները կը ղրկէին Լոնտոն` Նազարբէկի եւ իր կնոջ
182
Մարոյի, որպէսզի ապստամբներուն ձեռքը հասցնեն։ Յետոյ յայտնուեցաւ` թէ այդ ղրկուած դրամները Նազարբէկ եւ իր կինը իրենց կոկորդը անցուցած էին, հազիւ ամենաջնջին մաս մը ղրկելով Զէյթուն, կը պատմէ այս եղելութեան իրազեկ հրապարակագիր մը2։ Ի. դարու առաջին տարիներուն ալ,
Առաւօտուն կանուխ ելլողը ինքզինքին իրաւունք կու տար վերոյիշեալ նպատակները շահագործելով դրամ հաւաքելու, որուն մեծագոյն մասը, եթէ ոչ ամբողջութիւնը, իր գրպանը կը մտնէր, կը գրէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան մասնակից անդամ մը3։
Տիրող անվստահութեան պատճառով` բնականաբար, աղէտեալներու համար բացուած հանգամանակութիւնները շատ ջնջին արդիւնք կուտային. շատեր կը փափաքէին աղէտեալներուն օգնել, բայց կը պակսէր թէ՛ վստահութիւնը եւ թէ՛ միջոցը։ Հաւաստի յուշագրութենէ մը կը տեղեկանանք` թէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գաղափարը, Գահիրէէն առաջ, յղացուած է նաեւ Փարիզի մէջ։ Արշակ Չօպանեան այնտեղ
երեք մեծ գաղափարներու կը հետապնդէր, – կը յայտնէ յուշագրողը, – երեքն ալ իրարմէ օգտակար, իրարմէ ազգաշէն, իրարմէ վսեմ։ Ասոր համար բաւական արիւն քրտինք թափեց. ծրագիրը շինեց, վարչական խորհուրդ կազմեց, գնաց եկաւ, մարդիկ համոզեց, բայց ափսոս, նախախնամութիւնը այնպէս վճռած էր` որ իր յղացած գաղափարը Պօղոս Նուպար փաշա պիտի իրագործէր, տարիներ ետքը, Եգիպտոսի մէջ։ Այդ միջոցներուն էր, որ հայ գաղութին մէկ մասին մէջ բուռն պայքար սկսաւ Չօպանեանի դէմ։ Ասիկա պատճառ եղաւ, որ ջուրը իյնար անոր երրորդ գաղափարը. այն է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը4։
Հայկական մեծ ընկերութիւն մը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը շեշտած են Չօպանեանի Անահիտէն զատ, Լուսաբերը, Շիրակ եւ Ազատ-բեմ եգիպտահայ յառաջապահ հանդէսները։ Քրոնիկի մը մէջ` Չօպանեան կրկին արծարծելով այս հարցը, կ’անդրադառնայ Բազմավէպին մէջ լոյս տեսած յօդուածին, ուր ըսուած է` թէ «Ալիանս Իզրայէլիթ»-ի նման հայկական ընկերութիւն մը հաստատելու յարմարագոյն վայրը Եգիպտոսն է, որպէս մեծ, ազգային կազմակերպուած կեանք ունեցող եւ կառավարութենէն ճանչցուած առաջնորդարանով գաղութ։ Չօպանեան սխալ կը նկատէ այդ կարծիքը, որովհետեւ այդ մեծ ընկերութիւնը որուն հաստատումը ցանկալի է, այսինչ կամ այնինչ գաղութին համար չէ որ հարկաւոր [է], – որքան ալ կարեւոր ըլլայ այդ գաղութը, – այլ ընդհանուր Հայութեան շահերուն ծառայելու պէտք է [կոչուի]։ […] Այդ գաղափարին նկատմամբ, որուն իրագործման փորձ մը Փարիզի մէջ կատարուերաւ
183
երեք տարի առաջ ու վիժեցաւ, կարեւոր գաղութի մը մէջ այժմ երեւան եկած այս լուրջ ու կրակոտ խանդավառութիւնը երեւոյթ մըն է, որ նշանակութիւն ունի։ Կը մաղթեմ` որ ուրիշ կեդրոն գաղութներու մէջ ալ այդ խանդավառութիւնը յայտնուի այդ նոյն գաղափարին նկատմամբ։ Միահամուռ արտայայտուած ցանկութիւնը կրնայ մարմին տալ գաղափարին, որ չյաջողեցաւ այստեղ, որովհետեւ նիւթական ուժը եւ համերաշխութիւնը կը պակսէր։ Այս երկու տարրերը եթէ գոյութիւն ունենան, – եւ անկարելի չէ վերջապէս ունենալ զանոնք, – այդ մեծ ծրագիրը կարող է իրականանալ աւելի շուտ եւ աւելի դիւրաւ քան ինչ որ կը կարծուի5։ Եգիպտոս ապաստանած հասարակական ղեկավարներուն հետ` ժողովուրդին ողջամիտ տարրերն ալ խորհած են «Ալիանս Իզրայէլիթ Իւնիվերսէլ»-ին նման հայկական ընկերակցութիւն մը հիմնելու մասին, որպէսզի ազգին կարիքները հոգացուէին անմիջականօրէն եւ ամէնէն ապահով եղանակով։ Տարիներէ ի վեր ամէն մտածող հայու բաղձանքն էր տեսնել ազգային կազմակերպութիւն մը` փորձառու եւ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններէն ղեկավարուած, որուն նպատակն ըլլար հնարաւոր միջոցներով բարելաւել ազգին վիճակը եւ ապահովել անոր գոյութիւնը` իր պատմական հայրենիքին մէջ6։ Այդ մտահոգութեան բանաձեւումին հետ` շատ գործնական առաջարկ մըն ալ կը գտնենք յեղափոխութեան փորձառու ղեկավար Արփիար Արփիարեանի մէկ մտերմական նամակին մէջ.
Կը խորհէի, – կը գրէ ան Գահիրէ հաստատուած իրաւաբան Վահան Մալէզեանին, – թէ արդեօք աւելի օգտակար պիտի չըլլա՞ր հիմնել «Ազգային Ընկերութիւն» մը, նպատակ ունենալով «Հայոց տնտեսական եւ մտաւորական զարգացման նպաստել», առանց սակայն «քաղաքական ու յեղափոխական ձեռնարկներու»։ Այս խնդրին վրայ ինքնիրենս շատ մտածեցի, անոր ամենամեծ օգտակարութիւնը ըմբռնեցի, բայց միեւնոյն ատեն յանգեցայ այն եզրակացութեան` թէ այդպիսի ընկերութիւն մը շատ արգելքներու պիտի հանդիպի, որոնց գլուխը պիտի ըլլայ անշուշտ գոյութիւն ունեցող կուսակցութեանց կողմէն ձեզի դէմ ամենասաստիկ հալածանք մը, որ մինչեւ մարդասպանութիւն պիտի կարենայ յառաջանալ։ Այսպիսի պայմաններու մէջ լաւագոյն է «Կրթասէր»-ին համեստ ծրագրին մէջ պարփակուիլ, գործունէութեան ասպարէզը նահանգ մը միայն ընել, հեռաւոր նպատակակէտի մը ժամանումի հաստատ առաջադրութեամբ. Ընկերութեան յաջողութիւնը եւ ապագան բոլորովին կախում ունի իր կազմակերպական նկարագրէն7։ Ժամանակակից ուրիշ հրապարակագիր մը կը պատմէ` թէ բարեկամներու աջակցութեամբ սկսայ հրատարակել Լուսաբեր երկօրեայ թերթը, որ կը ջատագովէր երկու հիմնական խորհուրդ. առաջին` դադրեցնել քաղաքական
184
ցոյցերը եւ ահաբեկչական արարքները, երկրորդ` հիմնել Հայկական Միութիւն մը, որուն համար քայլ մը առնուեցաւ 1905 թ. Հոկտեմբերի 26-ին, տասնչորս հոգինոց ժողովի մը կողմէ։ Երկրորդ ժողովի մը պէտք չմնաց. Պօղոս Նուպար փաշա` որ Լուսաբերը կը քաջալերէր ամսական տասը ոսկի յատկացումով, հաւանած էր գլուխ կանգնելու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, որ պաշտօնապէս հռչակուեցաւ 1906 Ապրիլ 15-ին8։ Յետագայ տարիներու ազգային եւ քաղաքական կեանքը` որ «բախտորոշ փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուէր», Արմենական գործիչ մը այսպէս կը բնութագրէ. Հայ յեղափոխութեան ձախողանքը, մեր յեղափոխական գործունէութիւններէն ոմանց սխալները, մանաւանդ իրենց սխալներուն յամառօրէն կապուած մնալը, ազգային ազատագրական գործը` խմբական կամ անհատական շահագործումի վերածուիլը, ժողովուրդին գիտակից դասուն տրամադրութեան մէջ յուսաբեկութեան ու շուարուն վիճակի մը պատճառ կ’ըլլար։ [Եգիպտոսի մէջ` սպանութեան եւ դրամաշորթութեան սպառնալիքներ] տեղի տուին, որ եգիպտահայ ունեւոր դասակարգը` որ մինչ այդ հայ ցաւին եթէ ոչ անտարբեր, բայց հանգամանքներու բերումով մեկուսի մնացած էր, կը սկսի վրդովիլ եւ ինքնամփոփուիլ։ Նոյն վիճակը եւ հակաշարժումը նաեւ անկեղծ յեղափոխականներու մտաւորական դասուն մէջ։ 1905 թ. վերջերը եւ 1906-ի սկիզբները` Լուսաբեր թերթի խմբագիր Արփիար Արփիարեան ու հրատարակիչներէն` Վահան Քիւրքճեան, Նազարէթ Տաղաւարեան եւ ուրիշներ, խորհուրդը յղացան եւ անհրաժեշտ համարեցին հիմնադրել նոր կազմակերպութիւն մը, որ նպատակ պիտի ունենար պայքարիլ տիրող յուսալքումի տրամադրութեանց, եւ յեղափոխութիւնը իր ուղղութենէն շեղելով` անձնական կամ խմբակցական նկատումները զոհողներուն եւ յաջորդական ծանր սխալներով ազգային-ազատագրութեան գործը վտանգողներուն դէմ, աւելի ազդու, հեռատես եւ խելացի միջոցներով յառաջ տանիլ ըմբոստական շարժումը` հեռու յախուռն եւ անհաշիւ ցուցամոլական ձեռնարկներէ, որոնք լաւագոյն առիթը հանդիսացած էին թշնամիին ձեռքը` հայոց դժգոհութիւնը լռեցնելու եւ հայ ազգը բնաջնջելու համար։ Մէկ խօսքով` առողջ, դրական եւ աւելի ապահով հիմերու վրայ դնելու ազգին եւ հայրենիքին փրկութեան նուիրական ձեռնարկը։ [Յիշեալ անձերուն շուրջ բազմաթիւ համակիրներ ալ խմբուելով,] հասուն խորհրդածութիւններէ ետք, ծրագրեցին եւ որոշեցին հիմնել քաղաքական-յեղափոխական նոր եւ լուրջ կազմակերպութիւն մը «Հայկական Ընդհանուր Միութիւն» անունին տակ։ Այդ ծրագիրը եւ խորհրդածութիւնները զուգադիպած ըլլալով խմբակի մը Եգիպտոսի հայ ունեւորներէն դրամ պահանջելու սպառնագրերուն եւ այլ զարթօնքին` որ կը տեսնուէր այդ դասակարգին մէջ ազգային կեանքի եւ կարիքներու հանդէպ, ղեկավարութեամբ Պօղոս
185
Նուպար փաշայի, պատճառ եղան` որ «Հայկական Ընդհ. Միութիւն»-ը, կարգ մը ձեւափոխումներով վերածուի «Հայկ. Բարեգործական Ընդհ. Միութիւն»-ի9։ Երբեմնի հնչակեան հրամանատար Ապահ` իր ուշագրաւ «Բաց նամակ»-ին մէջ, մօտաւոր անցեալէն վերյիշումներ ներկայացնելէ ետք, կ’արտայայտուի նաեւ ազգային ընդհանուր միութեան մը կազմութեան մասին։ Հայրենիքի փրկութեան նուիրեալ ազնիւ զինուորը կը գրէ. Ընդհանուր միութեան մը անխուսափելի հարկին մէջ կը գտնուինք այսօր, պէտք է միանանք, պէտք է ի մի ձուլուինք ստեղծելու համար միակ զանգուած մը` միակ մարմին մը։ Թո՛ղ կոտրտին այն գրիչները, որոնք թէեւ յեղափոխութեան գաղափարը տարածելու կոչուած են` բայց յեղափոխականը յեղափոխականին դէմ զինելու կ’աշխատին։ Թո՛ղ խորտակուին այն սուրերը, որոնք յեղափոխութեան յաղթանակին համար գնուած` բայց յեղափոխական զինուորները կը յօշոտեն եւ ազգին բարերարները կը մահացնեն10։ Այստեղ` անցողակի կը յիշատակենք հեղինակաւոր եկեղեցականի մը դատաստանը. Ազգօգուտ եւ բարերար անձանց սպանութեան կեղտը կուսակցական մարմինին անորակելի արատներէն մէկն է, ուսկից դժուարաւ կրնան ինքզինքնին արդարացնել, զանազան ճիւղեր իրար ամբաստանելով կամ անհատական նախաձեռնութեան վերագրելով վատ արարքը11։ [Եգիպտահայ գաղութին լուսաշող դէմքերէն` Պօղոս փաշա Նուպարն ալ] համակիր էր այդպիսի ընկերութեան մը կազմութեան, բայց ազգին քաոսային վիճակէն յուսահատած, մանաւանդ ժողովուրդին մէջ տիրող մտայնութենէն դառնացած, քաջութիւնը չունէր գործի լծուելու` զի այդ միջոցին, ընդհանրապէս պուրժուա դասակարգը, եւ մասնաւորապէս խոհեմութիւն քարոզող ողջամիտ ազգայինները պարզապէս դաւաճան կը համարուէին12։ Այս միջոցին էր, – կը շարունակէ նոյն հիմնադիր անդամը, – որ օր մը անակնկալ կերպով Պօղոս փաշա ութ-տասը բարեկամներ տունը հրաւիրելով` սեղանին վրայ դրաւ իր կազմելիք ընկերութեան մէկ համառօտ ծրագիրը, որպէսզի ազգային սովորութեանց համաձայնեցնելով` վերջնական ձեւ մը տրուի անոր13։ [Ծրագիրը մշակած էր Փաշան`] նախաձեռնարկ Աղաթօն պէյի եւ փաստաբան Սալազար Ատտայի հետ, ներշնչուելով Ալիանս Իզրայէլիթի հիմնադրէն14։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրները հարկադրուած էին «Բարեգործական» պիտակը
186
աւելցնել օրուան պահանջին համաձայնեցնելու կանխազգուշութեամբ15։
[Բարեգործական բառը] պիտակ մըն էր եւ փրկարար քօղ մը լոկ, ծածկելու անոր բուն ազգասիրական եւ հայրենասիրական էութիւնը, որ յեղափոխական չըլլալով հանդերձ, ոչ նուազ ազդու գործօն մը կը դառնար հայ կեանքին մէջ եւ անոր ճակատագրին տեսակէտով16։
Ազգային տեսակէտով` – կը յայտնէ տասնամեակներ ետք այս ծրագրին նախաձեռնարկ Աղաթօն պէյ, – Եգիպտոսի մէջ ամէնէն կարեւոր գործս եղաւ 1905 թ. վսեմ. Պօղոս փաշա Նուպարէ խնդրել` որ Բարեգործական ընկերութիւն մը հաստատէ Անատոլուի չարչարեալ եւ հալածեալ մեր եղբայրներուն համար եւ այդ գործին գլուխը անցնիլ. ինչ որ Փաշան` իր ազգասիրական զգացումէն մղեալ, սիրով ընդունեց եւ կատարեց, եւ այն օրէն սկսանք միասին աշխատիլ։ Ուրախ եմ ըսելու` թէ այս կերպով ալ յաջողեցայ սիրելի ազգիս օգտակար ըլլալ17։ Բայց կրկին կը յայտարարեմ` թէ Բարեգործականին կատարած դերին եւ զարգացման պատիւն ու փառքը երջանկայիշատակ Պօղոս փաշա Նուպարի կը պարտինք. ես համեստ աշխատաւոր մը եղած եմ միայն, կը խոստովանի Գրիգոր Աղաթօն ազգասիրական ձեռնարկը վերակենդանացնել փորձող համեստ որդին18։
[Հաւանաբար նման վկայութիւններ հերքելու մտադրութեամբ է, որ] պատմութեան համար, պէտք է, միանգամընդմիշտ, անկեղծաբար յայտարարեմ, – կը կարդանք Պօղոս Նուպարի ազգաշէն ձեռնարկներուն մօտէն տեղեակ Անդրանիկեանի յօդուածին մէջ, – թէ Հ.Բ.Ը.Միութեան հիմնադիրը միայն եւ միմիայն ողբացեալ Պօղոս փաշա Նուպարը եղած է, առանց ոեւէ մէկու մը օժանդակութեանը թելադրութեանը, հետեւաբար այս մասին պտտած զրոյցները, իբր թէ այս կամ այն անձը թելադրեր է, գաղափար տուեր է կամ օգներ է զայն հիմնելու համար, բացարձակապէս ճշդութենէ զուրկ փառասիրական «մասալներ» են։ [...] [Պօղոս փաշա] ո՛չ միայն այս գոհար հաստատութեան հեղինակը եւ հիմնադիրը եղաւ, այլ նաեւ, շնորհիւ իր ձեռնհասութեանը եւ Ազգին մէջ վայելած անսահման վստահութեանը` զայն հասցուց բարգաւաճ վիճակի մը, հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն, մանաւանդ Միութեան թշնամիներուն կողմանէ յարուցուած խոչընդոտներուն19։ Արդարեւ` Իր ծագումին առաջին օրերուն իսկ այդ Միութիւնը կ’ըլլար «աչքի փուշ», եւ «յեղափոխական» նետերը կ’արձակուէին «դաւաճան» հիմնադիրներուն, անտարակոյս վնասակար
187
մրցակիցներ, որ հիմնարկութեան օրն իսկ դրամատան մը մէջ 6-7000 ոսկիի հիմնական դրամագլուխ ամրափակելու վատութիւնն ալ կը գործէին, մինչդեռ...20։ Այս նոր խմբաւորումին նպատակն էր «Բարեգործական»-ով ծնունդ տալ «կրաւորական» քաղաքական-մշակութային հզօր կազմակերպութեան մը, որ զբաղէր մեր որբերով, մեր գաղթականներով, մեր դպրոցներով, մարզականմշակութային պէտքերով եւ ընդհանուր կերպով մեր հայապահպանութեամբ։ Ու այս բոլորը յեղափոխական-քաղաքական կուսակցութեանց գործերը չէին կրնար ըլլալ...21։
Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի 75-ԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ Պօղոս Նուպար փաշայի նախաձեռնութեամբ` 1906 թ. Ապրիլի 15-ին,
իր իսկ ապարանքին մէջ եգիպտահայ խումբ մը ջոջերու եւ մտաւորականներու անմոռանալի համախմբումը, որ հիմնարկէքն ըրաւ Հ. Բ. Ը. Միութեան, ապաքէն խորհրդանշական արտայայտութիւնն էր հայ հաւաքական կամքին` ամէն հնարաւոր միջոցներով պահպանելու, ապահովելու ցեղին գոյութիւնը իր միակ հաստատուն կռուանին` հայրենի հողին վրայ։ Հ. Բ. Ը. Միութիւնը կուգար Ալիանս Իզրայէլիթի նախախնամական դերն ստանձնել հայ կեանքի ահագնակարօտ իրականութեան մէջ։ Իր այս կոչումը այնքան վճռորոշ ու գերակշիռ էր Միութեան հիմնադիրներուն մտքին մէջ, որ անոնք կանխաւ խորապէս ուսումնասիրած էին Ալիանս Իզրայէլիթի կազմն ու գործունէութիւնը, եւ անոր վրայ ձեւած, մշակած` Հայկական «Ալիանս»-ին Հիմնական Կանոնագիրը22։ Նորակազմ Ընկերութեան հիմնական պայմանը կ’ըլլայ էապէս մարդասիրական բնոյթը եւ որեւէ քաղաքական հանգամանք չունենալը, իսկ գլխաւոր նպատակները կ’ըլլան` բնաշխարհի հայ ժողովուրդին մտաւոր եւ բարոյական զարգացումին նպաստել, անոր նիւթական եւ տնտեսական կացութիւնը բարւոքելու աշխատիլ, եւ այս արդիւնքը յառաջ բերելու ծառայող որեւէ ձեռնարկ կամ հրատարակութիւն քաջալերել։ Միութեան կրնար անդամակցիլ ամէն հայ` որ յանձն կ’առնէր յարգել Հիմնական Կանոնագիրը եւ կանոնաւորապէս հատուցանել անդամավճարը։ Հիմնադրութենէն քանի մը օր առաջ, Պօղոս Նուպար եւ Եագուպ Արթին փաշաները` Ապրիլ 12 թուակիր նամակով մը, Բարեգործական Ընկերութեան Կանոնագրէն օրինակ մը կը յղեն Ներքին Գործոց նախարարութիւն, ուրկէ Մայիս 7 թուակիրով պատասխան մը կը ստացուի` նախարար Մուսթաֆա Ֆէհմիի
188
ստորագրութեամբ. Իրաւունք ունիք խորհելու` թէ Կառավարութիւնը ամենամեծ բարեացակամութեամբ միայն կրնար նկատել այսպիսի հաստատութիւն մը, որուն գերազանցօրէն եւ բացարձակապէս մարդասիրական հանգամանքը գովեստի միայն արժանի է։ Կը շնորհաւորեմ Ձեզ` որ հայոց նիւթական եւ բարոյական վիճակի բարելաւման հոգածու կը գտնուիք, եւ Կառավարութիւնը ընդունելով այդ գործին օգտակարութիւնը` յաջողութիւն կը մաղթէ անոր, կ’եզրակացնէ վսեմաշուք նախարարը23։ Մինչ այդ, Մայիս 1-ին լոյս կը տեսնէ Հրաւէր առ համօրէն հայս, Հ.Բ.Ը.Միութեան անդրանիկ կոչը։ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՒԷՐ ԱՌ ՀԱՄՕՐԷՆ ՀԱՅՍ Շատ տարիներէ ի վեր զգալի եղած էր Հայկական Ընդհանուր Միութեան մը պէտքը։ Վերջերս մեր Ռուսահայ եղբարց ենթարկուած դառն կացութիւնը միանգամ եւս հաստատեց թէ` Հայ ազգը կը կարօտի մի այնպիսի կազմակերպութեան, որ կարենայ դժբաղդ պատահարներու միջոցին նիւթական եւ բարոյական օգնութիւն հասցնել մեր հայրենակցաց, ինչպէս որ ըրաւ հրէական Ալիանս Իզրաէլիթ Ընկերութիւնը, Ռուսիոյ Հրէից կոտորածներուն առթիւ` դրամական մեծաքանակ նպաստներ ղրկելով անոնց։ Որ եւ է աղէտէ արկածելոց ընծայուած օգնութիւնն այնչափ աւելի օգտակար կ’ըլլայ` որչափ աւելի փութով հասնի։ Ամէն անգամ որ Հայաստանի մէջ ծագի նոր աղէտ մը, ինչպէս սով կամ երկրաշարժ, համաճարակ կամ հրդեհ, հեռաւոր երկիրներ գտնուող հայեր կը յուզուին, կը միանան եւ հանգանակութիւններ կատարելով քիչ կամ շատ դրամ կը ղրկեն կարօտելոց. սակայն մինչեւ որ այդ նպաստներն իրենց տեղը հասնին` հազարաւոր ընտանիքներ կը մնան անխնամ ու անպատսպար, եւ զոհ կ’երթան ցուրտի, անօթութեան եւ հիւանդութեանց։ Տխուր ճշմարտութիւն մ’է նաեւ որ Հայրենիքի հողին վրայ ապրող մեր արենակիցները դարաւոր դժբաղդութեանց հետեւանք հասած են նիւթական եւ բարոյական չքաւորութեան այնպիսի վիճակի մը` որոյ հանդէպ կարելի չէ անտարբեր մնալ իբր հայ եւ իբր մարդ։ Ուրեմն Հայ ազգը անհարժեշտ պէտք ունի կազմակերպեալ մնայուն մարմնոյ մը որ միշտ պատրաստ գտնուի օգնելու Հայաստանի հայ ժողովրդեան` առանց կրօնի խտրութեան, եւ ուրախ եմք ներկայ յայտարարութեամբ ծանուցանելու թէ` այս տեսակ մի մարմին հիմնուած է ’ի Գահիրէ, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ անուամբ, որու նպատակն է ըստ տրամադրութեան ներկայիս կցորդեալ Կանոնագրի` մեր Հայաստանի եղբարց անմիջական օգնութեան հասնիլ, ամէն անգամ որ պէտք մը գոյանայ, եւ միանգամայն նպաստել անոնց տնտեսական եւ կրթական ընդհանուր վիճակի բարելաւման։
189
Ուրեմն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն զուտ բարեգործական եւ մարդասիրական մի հաստատութիւն է, առանց քաղաքական հանգամանաց, որ ըստ կարելւոյն պիտի հետեւի Ալիանս-Իզրաէլիթի գործունէութեան եղանակին։ Այսպիսի ազնիւ ու մեծ նպատակի գործադրութիւնը կը պահանջէ դրամական առատ աղբիւրներ։ Ուստի հրաւէր կը կարդամք ամէն երկրի հայերուն որ փութով անդամակցին Միութեանս, եւ իրենց նուէրներով եւ ամսաբաժիններով նպաստեն կարեւոր դրամագլխոյ մը կազմութեան։ Յուսամք թէ ամէն ճշմարիտ եւ զգայուն հայ, առանց խտրութեան կրօնի եւ սեռի, խանդավառութեամբ պիտի ողջունէ Միութեանս ծնունդը, պիտի ըմբռնէ անոր նշանակութիւնը, եւ սրբազան պարտականութիւն պիտի համարի անդամկցիլ անոր եւ օժանդակել անոր զարգացմանն ու ծաւալման։ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն մի գործնական ապացոյց թող լինի որ աշխարհիս մէջ ցրուեալ հայերն կարող են միաբանիլ ազգային բարօրութեան առաջնորդող մի նպատակի համար։ Իր ամսօրեայ քրոնիկներէն մէկուն մէջ, Չօպանեան կը գրէ. Կը մաղթեմ որ այդ ընկերութիւնը ըլլայ այն որուն պէտքը կը զգացուէր վաղուց։ [...] [Միայն] «Բարեգործական» վերադիրը զոր աւելցուցած են «Հայկական Միութիւն» անունին, կրնայ շփոթութեանց տեղի տալ, եւ լաւագոյն է` ըստ իս` ջնջել այդ վերադիրը24։ Թրքահայ գրականութեան պարծանքը կազմող ականաւոր հրապարակագիրներէն` Արփիար Արփիարեան, ազգային այժմէական իրադարձութիւններու առիթով իր գերակշիռ ձայնը լսելի ընծայելով, կը գրէ. Եւ որովհետեւ, Միութիւնը կը վայելէ վստահութիւն մը որ արդէն հիմակուց «անսահման» կրնանք համարիլ, ուստի իր վրայ լիալիր յուսադրութեամբ, իրմէն առատազեղ սատարում կ’ակնկալենք Հայ-Հայրենիքին վերընձիւղման Մեծ-Դատանքին։ Մեր տեսածները, մեր լսածները մեզի հաւատացնել կուտան, թէ Միութիւնը բարձր կոչումի մը գիտակցութեամբը ոգեւորուած, պիտի չգոյանայ պարզ Աղքատախնամի մը համեստունակ գործունէութեամբը։ Հայութեան վաղուանը համար այդ մարմինը բա՞ն մը ըրած պիտի ըլլայ, եթէ պարզապէս այն աղաներուն նմանի որոնք մեր ժամերը աղքատներու համար պնակ կը պտտցնեն, մէկէն առնելով միւսին տալով։ Հայկականը, իբրեւ բարեգործական մարմին, անշուշտ մարդասիրական ու հայասիրական Պարտականութիւն մը կը կատարէ ամէն անգամ որ փութկոտ արագվազութեամբ օգնութեան կը հասնի մեր սովատանջներուն, մեր արկածեալներուն, մեր բո՛լոր աղիտաւորներուն։ Եւ սակայն, եթէ ջախջախուած, հայրենազուրկ ժողովուրդ մը իր անօթիները կերակրելով, իր հիւանդները խնամելով, իր բոլոր թշուառները կազդուրելով, աշխարհքիս երեսը ազատաւէտ հանգստութեամբ ապրելու իրաւունքին տիրանա՜ր, Հայէն աւելի ո՞ր ցեղ
190
այդ վերածնունդին նախասահմանեալ պիտի համարուէր։ Հազար տարիներէ ի վեր ՀայՀայրենիքը բարեգործութեանց անծայրածիր հանդիսավայր մը չէ։ [...] Հայկական Միութիւնը պարզապէս հիւանդապահի պաշտօն մը ստանձնած պիտի ըլլար եթէ միայն եւ միմիայն իբր ողորմած, գթած Հայերու հաւաքոյթ մը ներկայանար։ Այդ բոլոր Հայերը որոնք մեր ընկերականութեան մէջ առաջնակարգ դիրքեր գրաւած էին, միթէ ուրիշ բան պիտի չկրնայի՞ն ըլլալ բայց թէ «Աստուծոյ սեղանաւորները», զի ըսուած է, թէ` «որ ողորմի տնանկին, փոխ տայ Աստուծոյ»։ Բարեպաշտութիւնն ալ իր վաշխառուները ունի25։ Անցնող եօթնուկէս տասնամեակի ընթացքին, Եգիպտոսի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնը ղեկավարած են` Կեդրոնական Վարչական Ժողովը, Գործադիր Ժողովը` 1921 թ. սկսեալ, Շրջանակային Յանձնաժողովը` 1926 թ. սկսեալ, իր վարչութեան եւ հսկողութեան ներքեւ ունենալով Եգիպտոսի, Սուտանի, Եթովպիոյ, Հնդկաստանի, Միջագետքի, Սուրիոյ, Կիպրոսի եւ Յունաստանի Մասնաճիւղերը։ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ատենադպիրին յուշերէն կը տեղեկանանք` թէ Այն ատեն միակ Մասնաճիւղ մը ունէր Բարեգործականը, Աղեքսանդրիա, եւ Եգիպտոսի 6-700 անդամներէն դուրս ո՛չ մէկ անդամ։ Բայց շուտով ծաւալ գտաւ եւ յաջորդական Մասնաճիւղերը ողջունեցինք անպատում խանդավառութեամբ, Գահիրէ, Պոսթըն, Բարիզ, Մանչեսթըր, եւն.26։ Արդարեւ, Միութեան հիմնադրութենէն տարի մը ետք` 1907 թ., Աղեքսանդրիոյ մէջ կը կազմուի անդրանիկ Մասնաճիւղը, որ իր գործունէութիւնը կը սկսի 75 անդամով։ Միութեան կազմակերպութեան մէջ պատուոյ տեղը գրաւած է Գահիրէի Մասնաճիւղը` որ հիմնուած է Հիմնադիր-Նախագահ Պօղոս Նուպար փաշայի 2 Մարտ 1910 թուակիր հրաւիրագրով, եւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի փոխատենապետ Երուանդ Աղաթօն պէյի, գանձապետ Մկրտիչ Անդրանիկեանի եւ ատենադպիր Վահան Մալէզեանի նախաձեռնութեամբ։ Մասնաճիւղը կ’ունենայ Օժանդակ Մասնախումբեր Թանթայի, Զակազիկի, Մանսուրայի եւ Մէլլաուիի մէջ, իսկ տասնեակ մը գաւառական քաղաքներու մէջ ալ` ներկայացուցիչգործակալներ։ Ընդհանուր Ժողովին որոշումով` 1922-ին Կեդրոնական Վարչական Ժողովը կը հաստատուի Փարիզ եւ նոյն տարին կ’որոշուի որդեգրել Զուիցերիական իրաւավիճակ։ 1925 թ. Լօզանի մէջ կը հաստատուի իրաւական կեդրոն մը։ 1956 թ., Հ.Բ.Ը.Մ.-ը ստացած է Ամերիկեան իրաւավիճակ։ Նոյն տարին, Շրջանակային Յանձնաժողովը կը կոչուի նոր անուանումով` Եգիպտոսի Տեղական Մասնաժո-
191
ղով։ Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովին առաջին մեծ յատկացումը կ’ըլլայ Ատանայի կոտորածին աղէտեալներուն։ Այս «ահաւոր կոտորածին զոհերուն տառապանքները նողկանքով ու կարեկցութեամբ խառն այնպիսի բուռն զգացում մը յառաջ բերին, որ ոչ ոք դանդաղեցաւ պատասխանելու Միութեան սրտաշարժ հրաւէրին»։ Այս առիթով` Միութիւնը Չոք-Մարզուանի մէջ կը բանայ Քէլէկեան Որբանոցը, Տիգրան Խան Քէլէկեանի ինքնայօժար նուիրատուութեան շնորհիւ։ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը «իր առանձնայատուկ միջոցներով» Եգիպտոսի մէջ վարած է քանի մը ազգօգուտ հաստատութիւններ27։ Գահիրէի մէջ` 1917 թ. սկսեալ, յաջորդաբար քանի մը տարի գործած է Միութեան մեծագոյն հաստատութիւններէն` «Տիկնանց Կեդրոնական Հանդերձարան»-ը, որ ունեցած է Աշխատանոցի եւ Մթերանոցի բաժիններ։ 1915 թ. Սեպտեմբերի 14-ին եւ 15-ին, Մուսա Լերան հերոս ժողովուրդէն 4058 քաջարի խլեակներ Փոր Սայիտ ապաստանելով, անգլիական խնամատարութեան հոգածութեամբ` Սուէզի Ջրանցքի ասիական եզերքին «Լազարէթա» կոչուած սիրուն վայրին վրայ կազմուեցաւ հայ գաղթավայրը, որ եղաւ «բուռ մը վերապրող հայերու նոր հայրենիքը` ջերմիկ, հոգենուէր գուրգուրանքի բազմազան խնամքներով»28։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը նոր գաղթավայրին մէջ «կրթական գործին մենաշնորհը առած էր»29, հիմնեց «Սիսուան» վարժարանը` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով, ուր 2250 երկսեռ աշակերտներ տարրական ուսում ստացած են 1915-1919 թթ.։ Գաղթականներուն մէջ գտնուող 350 երկսեռ որբերուն համար հաստատուած է Որբանոց-վարժարանը, որ գործած է 1916-1919 թթ., Մամբրէ Վրդ. Սիրունեանի տեսչութեամբ։ Բարեգործականը որբանոցի խնդիրը իր պատուոյ խնդիրը դարձուց եւ ծախք չխնայեց, ամէն ճիգ փորձեց անիկա անքննադատելի վիճակի մը հասցնելու համար30։ Նոյն շրջանին` Դամասկոսի, Տէօրթ-Եօլի, Մերսինի, Հաճընի, Տարսոնի եւ Ատանայի մէջ Միութիւնը ունեցած է Հայուհեաց-Ապաստանարան, Հիւանդանոց-Դեղարան, Հիւանդանոց-Դարմանատուն, Որբանոց-Վարժարան, Կտաւագործարան, գորգի եւ գուլպայի գործարան31։ Քսանական թուականներու վերջաւորութեան, Տիկնանց Խնամակալութիւններու մատակարարութեամբ` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ պահուած են Հայ Որբուհիներու Կայաններ։ 1911 թ. հիմնուած է Կեդրոնական Գրադարանը`
192
որուն նպատակն էր ժողվել հայութեան վերաբերեալ ամէն լեզուէ հրատարակութիւններ, ձեռագիրներ, ինչպէս նաեւ մեր հայրենակիցներուն կրթութեան յատուկ ամէն տեսակ դասագիրքեր։ Կտակներով եւ նուիրատուութիւններով գոյացած են հիմնադրամներ` որոնց շնորհիւ Միութիւնը կրցած է հոգալ ազգին բազմապիսի կարիքները։ Ըստ ժամանակի պահանջին հետզհետէ գոյացած են, Աղէտեալներու հիմնադրամը` որ օրը օրին գաղթականներու եւ աղէտեալներու ստիպողական պէտքերուն գործածուած է։ Որբանպաստ հիմնադրամ` Միութեան սեփական որբանոցներուն, ինչպէս նաեւ լքուած անտէր որբերուն յատկացուած է։ Որբապաշտպան հիմնադրամ` որդեգիր-պաշտպաններու տարեվճարներով կազմուած է, Միութեան պատսպարած որբերուն համար։ Հանդերձարանի հիմնադրամ` տարագրեալներու, գաղթականներու եւ որբերու հանդերձեղէն պէտքերուն համար։ Վերաշինութեան հիմնադրամ` հայրենիքի վերաշինութեան ծառայող ձեռնարկներու յատկացուած է32։ Ուսումնական նպատակներու տրամադրուած են Մելքոնեան եւ Յովակիմեան հիմնադրամները։ Սաթենիկ Ճանիկ Չագըր հիմնադրամ` Նուիրատուութեան ազգօգուտ նպատակները [...] կ’ընդգրկեն կրթական, մշակութային, հրատարակչական, երիտասարդական եւ խնամատարական մարզեր33։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կտակուած կարեւոր կալուածներն են` Թագւոր փաշա Յակոբեանի Սեկինի ագարակը, 550 ֆետտան մշակելի առաջնակարգ հողերէ բաղկացած34, որ տասնամեակներէ ի վեր կառավարութեան կողմէ գրաւեալ վիճակի մէջ կը մնայ, Յովակիմեանի շէնքերը եւ Տիկին Ճանիկ Չագըրի մեծարժէք հողամասը` 4097 քառ. մ. տարածութեամբ եւ ընդարձակ վիլլա մը35։ Ներկայիս` Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կը յանձանձէ նաեւ Սարըեան, Պալըքճեան, Մելքոնեան կալուածները, Հեքիմեան մարզադաշտը, Բարեգործականի շէնքը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մարզադաշտը` Աղեքսանդրիոյ մէջ, իսկ Հելիոպոլսոյ մէջ` Հ.Բ.Ը.Մ.Նուպար մարզադաշտը։ Կրթական կամ այլ նպատակներու համար մեծագումար նուիրատուութիւններ ըրած են նաեւ հետեւեալ եգիպտահայերը. Կատարինէ Լիմոնճելլի, Գրիգոր Մէօթէմէտեան, Պօղոս Նուպար փաշա, Յակոբճան եւ Օհանիկ Պոնճուքեան, Մկրտիչ Անդրանիկեան, Զարուհի եւ Սոֆի Մանիսալեան, Աղաթօն Երուանդ պէյ, Եագուպ Արթին փաշա, Վարդան Պապայեան, Պետրոս Կիւմիւշեան, Միհրան Ղազարոսեան, Ստեփան Հանըմեան, Հաճի Մկրտիչ Յովհաննէսեան, Աբրահամ Փաշա Բարթող, Գէորգ Սարգիսեան, Ագապի Շէրիտճեան։
193
Հ.Բ.Ը.Միութիւնը Գահիրէի մէջ ունեցած է իր կեդրոնական տպարանը, որ լոյս ընծայած է շահեկան աշխատութիւններ։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եօթնամեակին առիթով` Միութեան անդրանիկ Մասնաժողովը լոյս ընծայած է Ոսկեմատեանը, արժանաւորապէս յիշատակելու համար բոլորուած արգաւանդ շրջանը, իր լրիւ գեղեցկութեան մէջ պատկերացնելու կատարուած եօթնամեայ գործը եւ անոր երախտաւոր գործաւորները36։ Կեդրոնական Վարչական Ժողովին նախաձեռնութեամբ` 1912 թ. Յունուարէն սկսեալ Գահիրէի մէջ սկսած է հրատարակուիլ Միութիւնը, որպէս Պաշտօնաթերթ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։ Մեր Միութիւն հանդէսը, – կը գրէ Պօղոս փաշա Նուպար իր առաջնորդող յօդուածին մէջ, – պիտի հրատարակէ այնպիսի գրութիւններ, որ ըլլան համապատասխան այն ձեռնարկին` որուն օրկանը ըլլալ կոչուած է, եւ աւելի մասնաւորապէս` բնոյթը ունենան օգնելու կրթութեան ծաւալումին, հողագործութեան, եւն., եւ այս բանիս համար անիկա պիտի դիմէ բոլոր տաղանդներուն, որ փառք Աստուծոյ, մեր ազգին մէջ չեն պակսիր։ Բայց Միութիւնը ոչ նուազ պիտի ըլլայ նաեւ տեղեկութեանց միջնորդ մը, Հայկական Միութեան անդամներուն ծանօթացնելու համար մեր Ընկերութեան գլխաւոր գործունէութիւնները. անիկա պիտի հրատարակէ անդամագրական ցուցակները, հաշուեկշիռները, եւն.։ Միութիւնը մինչեւ 1928 թ. լոյս տեսած է Գահիրէ, ապա` 1929-1940 թթ. շարունակուած է Փարիզ։ Համաշխարհային Բ. պատերազմի շրջանին` երբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնը Փարիզէն Ամերիկա կը փոխադրուի, Միութիւնը կը կցուի ԱՄՆի շրջանի օրկան Յուշարարին եւ կը կոչուի Յուշարար-Միութիւն։ 1938-1942 թթ. հրատարակուած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Եգիպտոսի Շրջանակին Ամսօրեայ տեղեկագիրը, իսկ 1955 թ. սկսեալ մինչեւ այսօր պարբերաբար լոյս կը տեսնէ Տեղեկատուն։ Միութեան հետապնդած նպատակներուն համաձայն, հրատարկուած են գնդապետ Պրեմոնի եւ Ֆայէզ էլ Ղոսէյնի գիրքերը` ֆրանսերէն լեզուով, օտարազգիներու համար հայերէն քերականութեան դասագիրք մը, գաղթակայանի վարժարաններուն մէջ գործածուելու նպատակով լոյս տեսած են` Օշական Ա. տարի պատկերազարդ այբբենական-ընթերցարանը եւ հատընտիր գրուածքներու Սիսուան հաւաքածոն։ 1919 թ. լոյս կը տեսնէ պատկերազարդ վիճակացոյց Գործապատումը։ Տասնամեակներէ ի վեր Հ.Բ.Ը.Միութիւնը կը հրատարակէ լայն ժողովրդականութիւն գտած օրական թերթիկներով պատի օրացոյցը։ Պօղոս Նուպարի, Եագուպ Արթինի, Երուանդ Աղաթօնի, Գրիգոր Եղիայեանի, Մկրտիչ Անդրանիկեանի, Նազարէթ Տաղաւարեանի, Կարապետ Շէրիտճեանի, Յ. Յակոբեանի եւ Մկրտիչ Մարկոսօֆի հիմնած համազգային Ընկերակցութիւնը`
194
եօթանասունհինգ տարի առաջ, բնագաւառի ժողովուրդին համար սկսաւ գործել «սքանչելի ծրագրով մը` բայց առանց աղմուկի եւ որեւէ յաւակնութեան»37։
Գահիրէ, Հրատարակութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Եգիպտոսի Շրջանակին, 1981
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Հոսանք, Գահիրէ, Ա. տարի, 1-14 Յունուար 1912, թիւ 1, էջ 1, 2, 3։ 2. Երուանդ Օտեան, Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս, 1896-1908 (անձնական յիշատակներ), Կ. Պոլիս, 1914, էջ 24։ 3. Մ. Անդրանիկեան, «Հայկ. Բարեգ. Ընդհ. Միութեան ծնունդը», Արեւ, օրաթերթ, 11 Սեպտեմբեր 1935։ 4. Երուանդ Օտեան, նշ. աշխ., էջ 245, 247, 248։ 5. Արշակ Չօպանեան, «Քրոնիկ», Անահիտ, հանդէս, Փարիզ, Է. տարի, Ապրիլ 1905, թիւ 4, էջ 90, 91։ 6. Վ. Մ., «Ակնարկ մը Հայկական Բարեգ. Ընդհ. Միութեան քսանըհինգամեայ կեանքին ու գործին վրայ (1906-1931)», Ոսկեմատեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան. Արծաթեայ Յոբելեան. 1906-1931, Ա. հատոր, Փարիզ, 1935, էջ 14։ 7. Նամակը գրուած է` Վենետիկ, 6 Յունուար 1904-ին. տե՛ս Ոսկեմատեան. Արծաթեայ Յոբելեան, Ա. հատոր, էջ 451։ 8. Ինքնակենսագրութիւն Վահան Մ. Քիւրքճեանի, Զարթօնք բացառիկ նուիրուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան քառասնամեակին եւ Զարթօնք օրաթերթի քսանհինգամեակին, Պէյրութ, 1962, էջ 236-237։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար տե՛ս Միք. Նաթանեան, «Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութեան պարագաները», Լ. Աճէմեան, Եգիպտահայ տարեցոյցը, Ա. տարի, 1925, Աղեքսանդրիա, 1924, էջ 160-164։ 9. Միք. Նաթանեան, Արմենական կուսակցութեան ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական-Ռամկավար կուսակցութեան կազմութիւնը. նօթեր եւ նիւթեր ժամանակակից պատմութեան համար, Հելիոպոլիս, Մայիս 1933, էջ 89-90 (մեքենագիր)։ 10. Ապահ, Պատասխանատուները. բաց նամակ բոլոր հնչակեան ազնիւ զինուորներու, Գահիրէ, 19 Մարտ 1906, էջ 14։ Այս պրակին լոյս տեսնելէն ամիս մը վերջ, 15 Ապրիլին կը հիմնուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ը` Պօղոս փաշա Նուպարի նախագահութեան տակ. Ուրեմն աննպատակ կամ ժամանակավրէպ հրատարակութիւն մը չէր, այլ արտայայտուած գաղափարները հասունցած ծրագիր մը եւ եղբայրասպան կռիւներու վերջ դնելու համար կտրուկ եւ գործնական միջոցներ կը յայտնաբերէին։ Արդարեւ, Ապահի կուսակից նախկին յեղափոխականներ չէին կրնար չհրճուիլ եւ չմխիթարուիլ այն բարերար երեւոյթէն, որ ժողովուրդին ողջամիտ դասակարգը` եգիպտահայ մեծահարուստներուն գլխաւորութեամբ, դատապարտելով հանդերձ կուսակցագար պայքարները, կու գար միեւնոյն եզրակացութեան, եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գաղափարականին մէջ կ’ուզէր գտնել այդ ոճիրներուն վերջ մը եւ ազդու դարմանը, գծելով միանգամայն գործնական հայրենասիրութեան ուղին։ Տե՛ս Մասիս Պետրոսեան, Կենսագրութիւն Ապահ Պետրոսեանի եւ քննական պատմութիւն Զէյթունի 1895-ի պատմական մեծ ապստամբութեան, Գահիրէ, 1936, երրորդ
195
հատոր, էջ 87 (ձեռագիր)։ 11. Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Ազգապատում. հայ ուղղափառ եկեղեցւոյ անցքերը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը յարակից պարագաներով պատմուած, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1961, Գ. հատոր, ս. 5370։ 12. Մ. Անդրանիկեան, նոյն տեղը։ 13. Նոյն տեղը։ 14. Ոսկեմատեան. Արծաթեայ Յոբելեան, Ա. հատոր, էջ 13։ 15. Վահան Մալէզեան, Ճամբուս ծայրը, Ա. հատոր, Փարիզ, 1954, էջ 122։ 16. Միք. Նաթանեան, Արմենական կուսակցութեան ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական-Ռամկավար կուսակցութեան կազմութիւնը, էջ 91։ 17. Երուանդ Գրիգոր Աղաթօն, Կեանքիս յիշատակները, Պընեէն եւ Ժընէվ, (1931), էջ 185։ 18. Ե. Գ. Աղաթօն, Պոլսոյ 1860-ի եւ Գահիրէի 1906-ի Բարեգործականներուն ծնունդը եւ պատմութիւնը, Պընեէն եւ Ժընէվ, (առանց թուականի), էջ 46։ 19. Մ. Անդրանիկեան, նոյն տեղը։ 20. Վահան Մալէզեան, նշ. աշխ., էջ 118։ 21. Է. Բաբազեան, Ինքնակենսագրութիւն եւ յուշեր (ազգային գործերու յարակցութեամբ), Գահիրէ, 1960, էջ 18։ 22. Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ոսկեմատեանը. 1906-1913, Գահիրէ, [1914], էջ 9։ 23. Ոսկեմատեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան. Արծաթեայ Յոբելեան. 1906-1931, էջ 15։ Տե՛ս նաեւ Ե. Գ. Աղաթօն, Պոլսոյ 1860-ի եւ Գահիրէի 1906-ի Բարեգործականներուն ծնունդը եւ պատմութիւնը, էջ 33։ 24. Ա. Չ., «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն», Անահիտ, հանդէս, Ը. տարի, Յունուար-Փետրուար 1906, թիւ 1-2, էջ 27։ 25. Ա. Արփիարեան, «Մեծ-դատանքը», Շիրակ, գրական եւ ընկերական կիսամսեայ, Գահիրէ, Բ. տարի, 1 Ապրիլ 1907, թիւ 7, էջ 380, 381։ 26. Վահան Մալէզեան, նշ. աշխ., էջ 120։ 27. Հայկական Բարեգործ. Ընդհ. Միութեան Գործապատումը (պատկերազարդ վիճակացոյց), Գահիրէ, Յունիս 1919, էջ 16, 53։ 28. Սահակ Բ. Կթ. Կիլիկիոյ, «Բօր-Սայիտի հայ գաղթավայրը», տե՛ս Տոքթ. Մ. Սալբի, Ալեակներ եւ խլեակներ. հայ վրանաքաղաքին տարեգիրքը, Աղեքսանդրիա, 1920, էջ 7։ 29. Լեւոն Արիգեան, «Սիսուան վարժարանը», տե՛ս Ալեակներ եւ խլեակներ, էջ 187։ Համբարձում Երամեան, Յուշարձան, Աղեքսանդրիա, 1929, հատոր Բ., էջ 354-363։ Խաչեր Մատուռեան, «Փոր Սայիտի հայ գաղթականաց վրանաքաղաքը», տե՛ս Յուշամատեան Մուսա Լերան, Պէյրութ, 1970, էջ 411-414։ 30. Տօքթ. Մ. Սալբի, «Հ.Բ.Ը.Միութեան Բօր-Սայիտի որբանոցը», Ալեակներ եւ խլեակներ, էջ 203։ Խաչեր Մատուռեան, նոյն տեղը, էջ 415-416։ 31. Գործապատում, էջ 16։ 32. Նոյն տեղը, էջ 59։ 33. Տեղեկատու, ԺԹ.-Ի. տարի, Յուլիս 1976 – Դեկտեմբեր 1977, էջ 16։ 34. Վահան Մալէզեան, նշ. աշխ., էջ 115-116։
196
13։
35. Տեղեկատուի նոյն համարը։ 36. Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ոսկեմատեանը. 1906-1913, էջ 37. Վահան Մալէզեան, նշ. աշխ., էջ 118։
197
ՍՈՎԵՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԸ Եւ դպրութիւնն եմ մեր երգում ես, Գեղեցկութիւնը դպրութեան վէս։ ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ ´³Ý³ËûëáõÃÇõÝ` вРÎáϳݻ³Ý êñ³Ñ« 4 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 1980£ Եթէ պահ մը ունկնդրենք Գէորգ Էմինի Հայկական սիմֆոնիայի հզօր մեղեդիները` յաւերժացող դարերուն եւ մեր բազմատեսակ քարերուն մասին, սրբագործուած ջուրերուն ու բերքատու հողին մասին, վիթխարի գործարաններու հուրին եւ մեր ծաղկեալ գիրին մասին, պիտի իմանանք հայ ժողովուրդին դարաւոր տառապանքին եւ ներկայ փառաւոր վերածնունդին մասին։ Բանաստեղծը կը պատգամէ` թէ Հայաստան այն երկիրն է, որ գիտցած է «ապրելու եւ յարատեւելու աստուածային գաղտնիքը»։ «Այն երկիրը` որ դարեր շարունակ պատերազմ ու ցաւ է ներմուծել եւ արտահանել որբ ու գաղթական, ներմուծել ոճիր ու խաւար` լոյս ու հանճար արտահանելով, եւ գազանութիւն ու բռնութիւն ներմուծելով` բարութիւն ու ազատութեան տենչ արտահանել»։ Հայաստան այն երկիրն է` որ դարեր շարունակ տառապած է պատերազմներէն ու ջարդերէն, եւ միայն վեց տասնամեակէ ի վեր կը զգայ խաղաղ կեանքի քաղցրութիւնն ու հմայքը։ Հայաստան այն երկիրն է` որուն տանջանքը տասնեակ դարերով կը չափուի, իսկ կեանքը` վեց տասնեակ տարիներով միայն։ Այն երկիրն է Հայաստան` որուն հողը դարեր շարունակ ոռոգուած է քրտինքով ու արիւնով, եւ միայն վեց տասնամեակ է, որ մարդուն կու տայ դարերով կուտակուած քաղցրութիւնը։ Հայաստան այն ցորենի արտն է, որ դարեր շարունակ տրորուած ու այրուած է, եւ որմէ փրկուած բուռ մը ցորենը` հասած է գալիքի ցանքին, եւ սկսած է շռայլ բերք տալ։ Հայաստան այն տոկուն որթն է` որուն արմատները կը հասնին մինչեւ Ուրարտու, իսկ պտուղն ու տերեւը` կը թարմանան ապագայի արեւի շողերէն։ Եղէգի փողի հուրէն եւ բոցէն ծնած այն երկիրն է Հայաստան` որ վեց
198
տասնամեակ է միայն հուր ու հնոց կը տեսնէ, բազմաթիւ գործարաններու շչակներու կանչերով կ’ողողուի։ Հնոց մագաղաթներու եւ գիրքերու այն երկիրն է Հայաստան, որ իր երեսունութ խիզախ տառերու ջոկատով` տասնվեց դար դիմադրած է, զինք ձուլել ու ոչնչացնել կամեցող բոլոր ոսոխներուն։ Կոտորածի եւ գաղթի, լաց ու կոծի փոխարէն` այժմ խաղաղ կեանքի եւ աշխատանքի կանչեր կը լսուին, եւ երբեմնի աւեր ու աւար ճամբաներուն վրայ կը շատնան կոթողներն ու շէնքերը, երգն ու ծիծաղը։ Այն երկիրն է Հայաստան, որուն կռունկի պէս թեւածող երգը` հայրենի լեռներէն սկսելով, կը հասնի աշխարհի բոլոր ծագերը1։ ***
Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Մեծարգոյ Նախագահ հայ Աւետարանական համայնքի, Կազմակերպիչ միութիւններու մեծարգոյ ներկայացուցիչներ, Յարգելի ներկաներ, Վեց տասնամեակի ժամանակաշրջան մը բոլորած սովետահայ գրականութիւնը` պիտի ջանանք ներկայացնել հպանցիկ ակնարկով մը, ամենասեղմ գիծերու մէջ, յիշատակութիւնը կատարելով միայն քանի մը գեղարուեստական երկերու` որոնք երկնուած են սովետահայ գրականութեան չորս շրջափուլերու ատեն տեղի ունեցած պատմական մեծ վերափոխումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ վերածնունդի շրջանը թեւակոխելու պայքարի ժամանակ։ Թող ներողամիտ գտնուին ուրեմն, յարգելի ներկաները` եթէ իրենց ծանօթ բոլոր անուններուն յիշատակութիւնը չկատարուի, կամ գրական վերջին նորութիւնները չներկայացուին, որովհետեւ` ինչպէս շատ դիպուկ բնորոշած է բանաստեղծ մը, մինչեւ գրասեղանիդ մօտենաս` արդէն շատ բան փոխուած կ’ըլլայ այնտեղ...։ ***
Ամէնէն առաջ պէտք է յայտնել, թէ սովետահայ գրականութիւնը` իր պատմական ակունքներով խորապէս կապուած է անցեալի հայ գրականութեան եւ կը շարունակէ անոր լաւագոյն աւանդոյթները։ Սովետահայ առաջին գրականագէտներէն մէկը կը բացատրէ` թէ սովետահայ գրականութեան ստացած դասական ժառանգութիւնը հարուստ է։ Դասական ժառանգութեան աւանդոյթներէն առաջինը` ջերմ հայրենասիրութիւնն է։ Հայրենասիրութիւնը մեր դասական ժառանգութեան մէջ սերտօրէն
199
զուգորդուած է մեր ժողովուրդին մէկ այլ աւանդոյթին` ազատասիրութեան հետ։ Իսկ հայրենասիրութեան եւ ազատասիրութեան միահիւսուած է մեր ժողովուրդին մէկ ուրիշ աւանդոյթը` պայծառատեսութիւնը։ Այդ աւանդոյթներն են, որոնք ժառանգած է մեր սովետահայ ժողովուրդը եւ արտայայտած է ու կ’արտայայտէ արմատապէս վերափոխուած կերպով։ Այդ աւանդոյթներն են, որ սոցիալական բոլորովին նոր լիցքով շարունակած է եւ աւելի ցայտունօրէն կը շարունակէ սովետահայ գրականութիւնը2։ Սովետահայ գրականութեան կազմաւորումին եւ զարգացումին համար մեծ նշանակութիւն կ’ունենան ռուսական գրականութիւնը, ռուսական սովետական գրականութիւնը, եւ յատկապէս անոր հիմնադիր` «ռեւոլեուցիայի մրրկահաւը» նկատուող Ալեքսէյ Մաքսիմովիչ Կորքիի ազդեցութիւնը։ Մաքսիմ Կորքին եղած է մեծագոյն պրոլետարական գրողը եւ միաժամանակ պրոլետարիատի ամենասիրելի գրողը, որ առաջին անգամ համաշխարհային գրականութեան մէջ ստեղծած է յեղափոխական բանուորներու սքանչելի կերպարներ3։ Սովետական գրականութիւնը իր պատմական ակունքներով կապուած է բանուորական շարժումներուն հետ։ Իր կարգին` սովետահայ գրականութիւնը սկիզբ կ’առնէ Ի. դարու առաջին տասնամեակի պրոլետարական գրականութենէն։ Հայ պրոլետարական գրողներու դերը մեծ է սոցիալիստական գրականութիւն ստեղծելու մէջ4։ Պուրժուական-ազգայնական գրականութեան առընթեր ռուսական առաջին յեղափոխութեան փոթորիկներուն մէջ ծնունդ կ’առնէ ու կը ձեւաւորուի հայ պրոլետարական գրականութիւնը եւ գրական շարժումը, որուն հիմնադիրը եւ ամենամեծ ներկայացուցիչը բանաստեղծ Յակոբ Յակոբեանն էր5։ Յակոբեանի շուրջ կը հաւաքուին շուտով բանուոր գրողներու խումբ մը6։ Նոյն ժամանակ բանուոր դասակարգին եւ յեղափոխութեան կողմը կ’անցնի բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանը. անոր սիրոյ եւ վիշտի երգերը կը փոխարինուին մարտական երգերով։ Կուրղինեանի Արշալոյսի ղօղանջներ շարքին լաւագոյն երգերն են «Բանուորները», «Յետ տար քո խաչը», «Հանգցրէք ջահերը»։ «Բանուորները» բանաստեղծութիւնը` բանուորական ցոյցին նուիրուած առաջին գեղարուեստական ստեղծագործութիւնն է։ Բանաստեղծուհին մասնակցած է ցոյցին եւ անոր անմիջական տպաւորութեան տակ գրած է բանուոր դասակարգին պայքարի նպատակը. Կրծքով փշրելու փառքը տիրողին. Գահը բռնութեան – ստրուկի շղթան, Նոր ուղի հարթել մեր նմաններին, Արժանի կոչման – հաւասարութեան Այդպէս ենք գալիս։
200
Ռուսական առաջին յեղափոխութիւնը թէեւ չի խորտակեր ցարիզմը, սակայն խորապէս կը ցնցէ անոր հիմերը։ Անիկա Ռուսաստանի բանուորներուն եւ գիւղացիներուն համար կ’ըլլայ քաղաքական պայքարի մեծ դպրոց մը` որ կը բարձրացնէ աշխատաւոր զանգուածներուն գիտակցութիւնը7։ Յեղափոխութիւնը հիմը կը դնէ բանուոր դասակարգի եւ գիւղացիութեան դաշինքին` որ կը հանդիսանայ հասարակական գլխաւոր ոյժը, իսկ յետագային կը տապալէ ցարիզմի, կալուածատէրերուն եւ դրամատէրերու իշխանութիւնը ու կ’ապահովէ սոցիալիզմի յաղթանակը8։ Ռուսական առաջին յեղափոխութիւնը կ’ոգեշնչէ հայ բանաստեղծներէն Յովհաննէս Թումանեանին, Աւետիք Իսահակեանին, Դանիէլ Վարուժանին եւ ուրիշներու։ Նշանակալից են Մովսէս Արազիի այդ շրջանի երկերը. անոր լաւագոյն պատմուածքներէն է Արեւը, որ հռչակ կ’ապահովէ հեղինակին։ Այդ պատմուածքին մէջ Արազին կը նկարագրէ խոնաւ նկուղի մը մէջ ապրող ընտանիք մը, որուն հիւանդ աղջկան բժիշկ մը կ’այցելէ եւ կը կարգադրէ` որ արեւոտ սենեակ մը փոխադրեն փոքրիկը, սակայն հայրը այդ հնարաւորութիւնը չունի, եւ ոսկեհեր աղջիկը կը մեռնի։ Պատմուածքին մէջ արեւը մարդկային ազատութեան եւ երջանիկ կեանքի խորհրդանշանն է։ Հեղինակը այլաբանօրէն կ’արտայայտէ իր յեղափոխական աշխարհայեացքը։ Պատմութեան մէջ ծանօթ են քանի մը յեղափոխութիւններ, որոնք երկար ժամանակով տնօրինած են ժողովուրդին պատմական վիճակը։ Այդ յեղափոխութիւններուն մէջ մասնաւոր սեփականութեան մէկ ձեւը կը փոխարինուէր ուրիշ ձեւով մը, շահագործողներուն իշխանութիւնը կը փոխարինուէր ուրիշ իշխանութեամբ9։ Սոցիալիստական յեղափոխութիւնը արմատական կերպով կը տարբերի նախորդ յեղափոխութիւններէն, որ նպատակ ընտրած էր մասնաւոր սեփականութիւնը փոխարինել արմատական միջոցներու հասարակական սեփականատիրութեամբ, եւ ջնջել մարդու կողմէ` մարդու ամէն տեսակ շահագործում։ Մարդկային բազմադարեան պատմութեան մէջ, առաջին անգամ հասարակութեան պետական ղեկավարութիւնը հաստատ կերպով կ’անցնի բանուոր դասակարգին ձեռքը10։ Հոկտեմբերեան Սոցիալիստական Մեծ Յեղափոխութիւնը` ոտքի վրայ, հարեւանցիօրէն կ’աւարտէ պուրժուական-դեմոկրատական յեղափոխութեան խնդիրները եւ միաժամանակ առաջին քայլերը կ’առնէ դէպի սոցիալիզմ11։ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը նոր ուղի կը բանայ` ինչպէս հայ ժողովուրդին, նոյնպէս ալ հայ գրողներուն առջեւ։ Հայ դասական գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն կարեւոր մաս մը կ’անցնի յեղափոխութեան կողմը։ Նոր` սոցիալիստական հայրենիքի առաջին հայ երգիչները կ’ըլլան հայ պրոլետարական գրականութիւնը սկզբնաւորող Յակոբ Յակոբեանը, Վահան Տէրեանը եւ երիտասարդ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը12։
201
1917 թ., առաջին անգամ յեղափոխութեան յաղթանակը կ’երգէ աշնան ու տրտմութեան երգիչը` Վահան Տէրեան։ Գրականագէտներու ոչ միահամուռ կարծիքով, Տէրեանի Երկիր Նաիրի բանաստեղծութիւններու շարքով` կարծէք կը վերջանայ հայ դասական բանաստեղծութեան շրջանը, եւ նոր յեղափոխական բանաստեղծութիւններով` կը սկսի սովետական շրջանի հայ բանաստեղծութիւնը։ Մեծ քաղաքի երգիչին բանաստեղծութիւնը` իր գաղափարական խոր բովանդակութեամբ ու կատարեալ արուեստով կը դառնայ սովետահայ բանաստեղծութեան զարգացումի կենսունակ գործօններէն մէկը13։ Տէրեանի օրինակին կը հետեւի «յեղափոխութեան մրրկաշունչ Նարեկացին»` Եղիշէ Չարենց։ Հայաստանի մէջ սովետական կարգերու հաստատումը կ’ողջունէ եւ յեղափոխութեան կողմը կ’անցնի Լոռիի բարձրաբերձ լեռներու եւ հայոց վիշտի խոր անդունդներու երգիչը` Յովհաննէս Թումանեան, որ իր ձեռքով չէր գրեր, այլ` իր ձեռքով կը գրէին հայոց լեռներն ու ձորերը, հայոց վիշտն ու տառապանքը. ժողովուրդն էր` որ կը գրէր դարեր շարունակ կողոպտուած կարաւանի մասին, որ անհատնելի գանձեր կը բերէ դարերու խորերէն։ Ապա, Աւետիք Իսահակեան Աբու-Լալայի կարաւանն առած, օտար ափեր թափառելով, աչքերը կարօտով յառած հայրենի հողին, մինչեւ որ անոր վերածնութեան կանչերը զինք տուն կանչեցին, եւ յաւերժական հանգիստ ու անմահութիւն գտաւ հայրենի հողին վրայ։ Անոնց միացան արձակագիրներ Նար-Դոսն ու Շիրվանզադէն, Աթաբէկ Խնկոյեանը, Դերենիկ Դեմիրճեանը, Ստեփան Զօրեանը եւ Վահան Թոթովենցը։ Թոթովենց անցեալէն եկած այն հեղինակներէն է, որոնք սովետական իրականութեան մէջ դարձան աւելի արգասաբեր, որովհետեւ պրոլետարիատը կրցաւ անցեալի արժէքաւոր եւ ազնուագոյն տարրերը դնել աշխատանքի ու ստեղծագործութեան բնական հունի մէջ14։ Սովետական գրականութեան մէջ` 1920-ական թուականներուն գոյութիւն ունեցած են բազմաթիւ խմբաւորումներ։ Այդ խմբաւորումներէն մէկը եղած է Պրոլետկուլտը, որուն անդամները կը ժխտէին անցեալի մշակութային եւ գրական ժառանգութիւնը, եւ իրենք զիրենք կը նկատէին նոր արուեստ ստեղծողներ։ Դասական գրականութեան նկատմամբ նոյն վերաբերումը ունեցած է նաեւ ԼԵՖը արուեստի ձախ ճակատը, որ գրական-գեղարուեստական միաւորում մը եղած է. հիմնուած է Մոսկուայի մէջ. 1922 թ.։ ԼԵՖ-ի մաս կը կազմէին բանաստեղծներ, քննադատներ, արուեստի տեսաբաններ։ Միաւորումը կը գլխաւորէր Վլատիմիր Մայակովսկին։ ԼԵՖ-ի տեսաբանները ներկայացուցած են արուեստը իբրեւ «կենսակառուցուածք», «սոցիալական պատուէր» (արուեստագէտը իր դասակարգի առաջադրանքը կատարող «վարպետ» է միայն), ինչպէս նաեւ «ձեւի յեղափոխութիւն» տեսութիւնները (ասկէ ալ` արուեստի գեղարուեստական ճանաչողական դերերուն ժխտումը, դասական ժառանգութեան թերգնահա-
202
տումը, Ֆորմալիստական որոնումները)։ ԼԵՖ-ը կոչ կ’ուղղէր ստեղծել որոշակի դեր ունեցող պիտանի գործեր։ ԼԵՖականները կը ժխտէին գեղարուեստական ստեղծագործութեան աւանդական շատ տեսակներ` ատոնց հակադրելով «փաստի գրականութիւնը», 1923-1925 թուականներուն խումբը հրատարակած է ԼԵՖ ամսագիրը, իսկ 1927-1928 թուականներուն ամսագիրը լոյս կը տեսնէ Նոր ԼԵՖ անունով։ 1928-ին Մայակովսկին կ’անջատուի խմբաւորումէն, որուն գոյութիւնը դեռ տարի մըն ալ կը պահպանուի։ Նոյն ժամանակաշրջանին` ԼԵՖ-ի օրինակով համանման խմբաւորումներ կազմուած են Փարիզի, Փրակայի, Լենինկրատի եւ Թիֆլիսի մէջ15։ Հայաստանի մէջ` որպէս նման կազմակերպութիւն կը յիշատակուի Ստանդարտը։ Սակայն նոր բողբոջող սովետահայ գրականութեան մէջ կը նկատուին ռուսական խմբաւորումներու ազդեցութեան հետքերը. այսպէս, բանաստեղծներ` Եղիշէ Չարենց, Ազատ Վշտունի եւ Գէորգ Աբով անցեալի հայ բանաստեղծութիւնը որակած են թոքախտաւոր, իսկ իրենք զիրենք ալ նկատած են ախտահանողներ16։ Այդ թուականներուն սովետահայ բանաստեղծութեան հիմնական նիւթը եղած է Հոկտեմբերեան սոցիալիստական յեղափոխութիւնը եւ հայ ժողովուրդին ազատագրութիւնը։ Որովհետեւ այդ օրերուն, արդէն` ... Արաքսը հինը չէ, Ուրիշ են Արաքսը, աշխարհը...։ Սովետական բանաստեղծութիւնը նոր հանգրուան մըն է, նոր որակ մը գեղարուեստական միտքի պատմութեան մէջ` ոչ միայն իր բովանդակութեամբ, այլ եւ ձեւով։ Այս բանաստեղծութիւնը անցած է փառաւոր ուղի, կուտակած է գեղարուեստական ստեղծագործութեան հսկայական փորձ։ Այդ յաջողութիւնը ձեռք բերած է դասական բանաստեղծութեան լաւագոյն աւանդները օգտագործելով։ Մայակովսկին, Չարենցը ժառանգած են Պուշկինի եւ Թումանեանի բանաստեղծութեան աւանդոյթները. գաղափարական խորութիւն, ժողովրդայնութիւն, իրապաշտական ճշմարտացիութիւն, գեղարուեստական պարզութիւն17։ Նոր, սովետական բանաստեղծութիւն ստեղծել վիճակուեցաւ այն սերունդին` որուն մէկ փոքր մասը տեսած էր անցեալի իրականութիւնը։ Բանաստեղծներու այդ մասը` սոցիալիստական իրաւակարգի ժամանակաշրջանին, ծառայեց մէկ նպատակի` ստեղծել մեր վեհ իրականութեան արժանի բանաստեղծութիւն, պատկերել սովետական մարդու ներաշխարհը, անոր զգացումները եւ խոհերը18։ 1920-ական թուականներու բեկման ժամանակաշրջանին` երիտասարդ սերունդը գաղափարապէս կը կողմնորոշուի եւ հաստատ կերպով կը կանգնի
203
սովետական հասարակութեան դիրքերուն վրայ։ Այդ սերունդի ներկայացուցիչներէն` Գուրգէն Մահարին յեղափոխութեան կողմը կ’անցնի գրական ուրոյն ուղիով։ Մահարիին առաջին շրջանի բանաստեղծութիւններուն գլխաւոր նիւթը` իր պատանեկութեան տխուր յուշերը եղած են։ Բանաստեղծը հետզհետէ հեռանալով անցեալի մռայլ յիշատակներէն, ջերմ քնարականութեամբ կ’ողջունէ աւերուած երկրին վերշինութիւնը եւ իր ժողովուրդին վերածնունդը19։ Վաղարշակ Նորենցի 1917 թ. տպագրուած առաջին բանաստեղծութիւնը կ’արժանանայ Յովհաննէս Թումանեանի ուշադրութեան։ Սակայն որպէս բանաստեղծ` Նորենց գրական ասպարեզ կու գայ 1925 թ., երբ լոյս կը տեսնէ իր Օրերի ճամփին ժողովածոն, որուն հիմնական նիւթը նոյնպէս անցեալի դառն յիշատակներ էին։ Սովետահայ քնարական բանաստեղծութեան շրջադարձի տեսակէտէն ուշագրաւ է Նորենցի Լիրիկական ֆրոնտ ժողովածոն, որ կ’ամփոփէ սոցիալիստական շինարարութեան նուիրուած բանաստեղծութիւնները։ 1920-ական թուականներուն բանուորական միջավայրէ գրական ասպարէզ կու գան նոր գրողներ։ Վահրամ Ալազանը գրաշար բանուոր էր. Երգեր կառուցման եւ յաղթանակի եւ Մաքառումներ ժողովածոներու բանաստեղծութիւններով` Ալազան կը պատկերացնէ վերափոխուող Սովետական Հայաստանը։ Ալազան այն գրողներէն էր` «որուն ստեղծագործական զարկերակը կը բաբախէ կեանքի կշռոյթին համընթաց»։ 1920-ական թուականներուն նշանակալից բեկում տեղի կ’ունենայ նաեւ արձակագրութեան մէջ. լոյս կը տեսնեն ականաւոր գրող Ստեփան Զօրեանի Յեղկոմի նախագահը եւ Գրադարանի աղջիկը վիպակները, որոնց նիւթը առնուած է Մայիսեան ապստամբութեան եւ քաղաքացիական կռիւներու ժամանակէն։ Ծանօթներ եւ Նրանց ժպիտը պատմուածքներուն մէջ Դերենիկ Դեմիրճեան կը նկարագրէ հասարակ մարդոց վերափոխումը սովետական հասարակութեան մէջ։ Նոյն ժամանակաշրջանին` իր գրական գործունէութիւնը կը սկսի իրապաշտ գրող Ակսել Բակունցը, որուն ստեղծագործութիւնները կարեւոր դեր կը կատարեն սոցիալիստական իրապաշտութեան նոր ուղղութեան հիմնաւորումի աշխատանքին մէջ20։ Սովետական գրականութեան իրապաշտական ուղղութիւնը կը կոչուի սոցիալիստական իրապաշտութիւն, որուն ելակէտը` իրապաշտութեան ճշմարտացի արտացոլումն է, որ կը բացայայտէ հինի եւ նորի պայքարը, ու նորին յաղթանակը հինին դէմ21։ Իր դրական հերոսներուն ու վառ բնաւորութիւններուն միջոցով, սովետական գրականութիւնը կը հաղորդէ հայրենասիրութիւն, մարդասիրութիւն, ժողովուրդներու բարեկամութիւն, աշխատաւորներու շահերուն անձնուիրաբար ծառայելու գաղափարներ, որոնք հարազատ են աշխարհի բոլոր աշխատաւորներուն22։ Երբ կը խօսուի սոցիալիստական իրապաշտութեան յեղափոխական ոյժի ու
204
բովանդակութեան մասին, պէտք է ընբռնել` թէ ատիկա կը ստեղծուի կեանքի երեւոյթները հարազատօրէն արտացոլելու, բնաւորութիւններու եւ գործողութիւններու մէջ մարմնաւորելու, հոգեբանութիւն ստեղծելու միջոցով։ Սոցիալիստական եւ ընդհանրապէս իրապաշտութեան միջեւ կան մեծ, էական տարբերութիւններ, որովհետեւ իսկական գրականութիւնը հասարակական կեանքի բոլոր շրջաններուն ունեցած է եւ կը պահպանէ իր գլխաւոր յատկանիշը` կեանքի արտացոլումը գործողութիւններու, կերպարներու, զգացումներու եւ խոհերու միջոցով։ Սոցիալիստական իրապաշտութեան տարբերութիւնը եւ էական առաւելութիւնը այն է, որ կը պահանջէ այդ բոլորը տեսնել եւ մարմնաւորել այնքան, որ գեղարուեստական պատկերին մէջ արտացոլայ նաեւ հասարակական կեանքի զարգացումին օրինաչափութիւնները եւ հեռանկարները23։ Սովետահայ գրականութեան մէջ սոցիալիստական իրապաշտութեան յաղթանակը եւ արմատաւորումը կախում ունէին սոցիալիզմի կառուցումի յաղթանակէն։ Սոցիալիստական ճարտարարուեստականացումը եւ գիւղի համայնականացումը կը հաստատեն հանրային սեփականացումը ժողովրդական տնտեսութեան բոլոր ճիւղերուն մէջ։ Սովետական հասարակութեան արմատական փոփոխութիւնները իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն գեղարուեստական գրականութեան մէջ. լոյս կը տեսնեն Եղիշէ Չարենցի Էպիքական լուսաբաց ժողովածոն, Ստեփան Զօրեանի Մի կեանքի պատմութիւն վէպը, պոէտ-քաղաքացի կամ պոէտ-տրիբուն ճանչցուած Նաիրի Զարեանի Ռուշանի քարափը պոէմը եւ Հայաստան վէպը։ Այս երկերով կը կատարուի սովետահայ գրականութեան շրջադարձը դէպի սոցիալիստական իրապաշտութիւն։ Նշանակալից են Սարմենի հայրենասիրական բանաստեղծութիւնները, ան կ’երգէ հայրենիքի մեծ առօրեան` համայնական հանդն ու դաշտը, քաղաքի սոցիալիստական շինարարութիւնը, մարդը` իր կեանքով եւ ստեղծագործական աշխատանքով։ Բանաստեղծ Սողոմոն Տարօնցին կ’երգէ հայրենիքին եւ ժողովուրդին մեծութիւնը։ Երգերի գիրքը կ’ըլլայ Խաչիկ Դաշտենցի բանաստեղծութիւններուն առաջին ժողովածոն, որով կը ճանչցուի իբրեւ անկեղծ յոյզերու, սրտալի հնչերանգի բանաստեղծ, որ վարակիչ շունչով կ’երգէր վերածնունդ ապրող ժողովուրդին խնդութիւնը, նոր կեանքին կառուցումը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմը` հայ մարդուն հայեացքով դիտուած, սովետահայ պատմուածքին մէջ տեղ կը գրաւէ 1920-30-ական թուականներուն եւ այդ ժամանակաշրջանին գրականութիւնը կը ճոխացնէ առաւել մարդասիրական բովանդակութեամբ։ Հայ գրողները պատերազմի դէպքերուն մօտեցած են` այն բոլոր պատերազմներէն բխած եզրակացութիւններով, որոնք ժողովուրդը վարած էր
205
դաշտերու մէջ ու լեռներու վրայ, հին դարերուն ու նոր ժամանակներուն, այսինքն մեծագոյն արհաւիրքը կը քննուէր հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի մը իմաստնացած հայեացքով24։ Մարդկային հոգիներու մէջ` պատերազմին կատարած ահռելի աւերածութիւնը Դերենիկ Դեմիրճեան «անգերազանցելի ոյժով եւ արտակարգ պարզութեամբ» ներկայացուցած է Աւելորդը պատմուածքին մէջ։ Մարդկային հոգիներուն մէջ պատերազմին յառաջ բերած ծանր հետեւանքները` նոյն հեղինակը կը շարունակէ քննութեան առնել Ընկերները, Նրանց ուղին, Էշելոն, Հայրենի կտուրի տակ, Անխուսափելին, Խոշտանգուածի աւանդը, Վերադարձ պատմուածքներուն մէջ, իսկ մարդու եւ պատերազմի մասին իր խոհերը կը խտացնէ Միայն մէկը պատմուածքին մէջ25։ Ժամանակաշրջանի սովետահայ պատմուածքին մէջ, մարդուն եւ պատերազմին յարաբերութիւնը կը քննուի հիմնաւորապէս` գաղափարական խորութեամբ ու գեղարուեստական կատարելութեամբ, որովհետեւ ատիկա ուղղակի կերպով կ’առընչուէր ժողովուրդի կեանքին ու երկրին ճակատագրին հետ։ Այդ կեանքն ու ճակատագիրը կը բեւեռէին անցեալն ու ներկան, ուրախութիւնն ու վիշտը, զգացմունքն ու երազանքը, եւ գեղարուեստական պատկերը կը դառնայ ալ աւելի շօշափելի, ալ աւելի նպատակային26։ Ստեփան Զօրեան ունի Պատերազմը խորագրով հետաքրքրական եւ իմաստալից պատմուածքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը խորապէս ապրուած եղելութիւն է, պատերազմի մասին խոհ մը27։ Սովետահայ պատմուածքին մէջ մեծարժէք ստեղծագործութիւն մըն է Ակսել Բակունցի Սպիտակ ձին, ուր կը բացուին հասարակական ու անձնական հոգեբանութեան նոր ծալքեր, ուր մարդիկ խորապէս կը տառապին համաշխարհային գործողութեան յարուցած սարսափներէն28։ Վրաստանի սովետահայ արձակագիրներէն` Ծերուն Թորգոմեան պատերազմի սարսափներու եւ յետագայ զարհուրելի հետեւանքներէն ստացած իր տպաւորութիւնները խտացուցած է Լաջակս գլխիդ եւ Սոլկար Մինասը գողտրիկ պատմուածքներուն մէջ, դատապարտելով իմպերիալիստական պատերազմը` որ նորանոր չարիքներ կը ծնի29։ ***
Քաղաքի եւ գիւղի սոցիալիստական շինարարութիւնը, սովետական հասարակութեան կենցաղը լայն արտայայտութիւն կը գտնեն 1930-ական թուականներու արձակագրութեան մէջ։ Սակայն, նոր շրջանի գրականութեան տարբերիչ գիծը կ’ըլլայ այն, որ մարդը ներկայացուի իր հասարակական գործունէութեան եւ անձնական կեանքի բոլոր կողմերով։ Նշանակալից են` Ստեփան Զօրեանի Մի կեանքի պատմութիւն վէպը եւ Գուրգէն Մահարիի Մանկութիւն, Պատանե-
206
կութիւն եւ Երիտասարդութեան սեմին եռագրութիւնը30։ Անցած կեանքի ինքնատիպ աշխարհ մը կը բանայ նաեւ Վահան Թոթովենցի Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ վիպակը, որ Աւետիք Իսահակեանի բնորոշումով «հիանալի գործ է եւ մնայուն»։ Մկրտիչ Արմէն Հեղնար աղբիւր վիպակով կը վերակենդանացնէ հին, արհեստաւորական Գիւմրին` իր բարքերով եւ նահապետական աւանդութիւններով31։ Հմայեակ Սիրաս Անահիտ վէպով կը նկարագրէ ընտանիքի եւ կնոջ ճակատագիրը սովետական հասարակութեան մէջ։ Վէպին հերոսուհին կ’ուզէ դուրս գալ ընտանեկան նեղ միջավայրէն եւ ապրիլ հասարակական կեանքով։ Ռաֆայէլը` որ հասարակական որոշ դիրք մը գրաւած է, Անահիտին կը պատկերանայ իբրեւ նոր մարդ, սակայն անոր յոյսերը կը խորտակուին եւ իր երազած ներդաշնակ ընտանիքը չի կազմուիր։ Սիրաս ուզած է փաստել` որ սովետական ընտանիքը պէտք է կազմուի սիրոյ եւ հասարակական ձգտումներուն ընդհանրութիւններու հիման վրայ32։ Նաիրի Զարեան Հացաւան վէպին մէջ կը նկարագրէ կոլտնտեսութիւններու ամրապնդումի շրջանը` մարդկային նոր յարաբերութիւններով33։ Հացաւանէն ետք` հայ գրականութիւնը չէ ստեղծած սովետական իրականութիւնը պատկերող այնպիսի կենսական ուժեղ բախումով երկ, որուն մէջ զգացուէր մեր կեանքի զարգացումին ներքին, բնական ոյժը, ամբողջ սրութեամբ արտայայտուէր մեր ժամանակին մեծ հերոսը34։ Կոլտնտեսական գիւղը նկարագրուած է նաեւ Քրիստափոր Թափալցեանի Կեանքի արշալոյսը վէպին մէջ։ Վիպագիրը գիւղին համայնականացումը կը համարէ հայ գիւղացիութեան կեանքի նոր արշալոյսը։ 1934 թուականի Օգոստոսի 1-5, Կուլտուրայի տան մէջ կը կայանայ Հայաստանի գրողներու առաջին համագումարը։ Նախահամագումարեան շրջանին տեղի կ’ունենան ստեղծագործական շարք մը ասուլիսներ` սովետական գրականութեան մեթոտի, նոր մարդու պատկերումի եղանակներուն, դասական ժառանգութեան օգտագործումին, սոցիալիստական բովանդակութեան ու ազգային ձեւի յարաբերութեան, գրական լեզուի շինարարութեան եւ ուրիշ տեսական խնդիրներու շուրջ35։ Հայաստանի գրողներու համագումարէն քանի մը օր ետք, Մոսկուայի մէջ կը կայանայ Սովետական գրողներու համամիութենական առաջին համագումարը` որուն սովետահայ գրողները կը մասնակցին գեղարուեստական գրականութեան բոլոր սեռերուն մէջ ձեռք բերուած ստեղծագործական լուրջ նուաճումներով։ Համամիութենական առաջին համագումարը արդիւնաւէտ նշանակութիւն կ’ունենայ ազգային գրականութիւններու զարգացումին համար։ Գրողներու ստեղծագործական նշանաբանը կը դառնայ սոցիալիզմի գործին, ժողովուրդի գործին ծառայելու պատրաստակամութիւնը36։ Ստեղծագործական աշխատանքի վերելքի եւ ոգեւորութեան շրջան մը կը սկսի, սակայն շուտով կը խաթարուի «անձի
207
պաշտամունքի» կամայականութիւններուն պատճառով։ Հայաստանի մէջ վերստին կը սկսի մոլեգնիլ խմբակային անառողջ պայքարը։ 1937 թ. Սեպտեմբերին, կամայականութիւններուն զոհ կը դառնան նշանաւոր գրողներ եւ գրականագէտներ։ Հակառակ այս հարուածին` գրական ստեղծագործական կեանքը կանգ չ’առներ, արդիականութեան երեւոյթներուն եւ պատմական անցեալի մասին արժէքաւոր գիրքեր կը գրուին37։ ***
Հայրենական Մեծ Պատերազմին սովետական բազմազգ ժողովուրդը ոտքի կը կանգնի թշնամիին դիմադրելու համար։ Սովետական գրականութիւնն ալ պայքարի առաջին դիրքերը կը գրաւէ։ Հայրենական Մեծ Պատերազմը` որ կը պահանջէր ոյժերու գերլարում, անձնուրացութիւն, բոլոր հնարաւորութիւններու գործադրում, միայն ռազմական բախում չէր. այն միաժամանակ երկու թշնամական դրութիւններու, «հակառակ դաւանանքներու վճռական գոյամարտ էր»38։ Այս տարիներուն` լաւագոյն բանաստեղծութիւններով եւ պոէմներով հանդէս կու գան Աւետիք Իսահակեանը39, Նաիրի Զարեանը, Գեղամ Սարեանը։ Իր բանաստեղծական պատկերներով եւ ուրոյն ոճով` Յովհաննէս Շիրազի բանաստեղծութիւնը նոր երեւոյթ էր։ Անոր հայրենասիրական վառ արտայայտութիւններէն է «Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս» բանաստեղծութիւնը, որ գրուած է Հայրենական Մեծ Պատերազմի մասին։ Բանաստեղծը ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդին անսասանութիւնը եւ յաղթահարելու կամքը։ Թշնամին հողմերու պէս կ’արշաւէ մեր երկրին վրայ. մեր ժողովուրդը` մեր լեռներուն պէս կը մնայ անսասան։ Թշնամին կը ջարդուի եւ կ’անցնի վայրագ հողմերու պէս40։ Սիրոյ եւ հայրենիքի երգչուհին` Սիլվա Կապուտիկեան, Խօսք իմ որդուն բանաստեղծութեամբ հայոց հազարագանձ լեզուն կը կտակէ նոր թոթովել սկսող իր զաւակին։ Ընդհանուր առումով, հայրենական պատերազմի տարիներուն Հայաստանի բանաստեղծները պատուով կը կատարեն իրենց հայրենասիրական պարտքը, շիկացած խօսքերով կը դատապարտեն թշնամին, կ’երգեն ռազմաճակատի եւ թիկունքի հերոսութիւնները ընթերցողներուն ներշնչելով կորով եւ յաղթանակի հաւատք41։ Հայրենական Մեծ Պատերազմը ծնունդ կու տայ իր գրողներուն` որոնք անձամբ կը մասնակցէին մարտերուն։ Այդ շրջանի բանաստեղծութեան ցայտուն դէմքերէն կը դառնան Թաթուլ Հուրեանը եւ Գուրգէն Բորեանը։ Բորեանի բանաստեղծութիւնները զինուորի խոհերուն սրտառուչ արտայայտութիւններն են, հայրենի երկրին եւ հարազատ տունին կարօտը կ’արտայայտեն։ Վահագն Դաւթեանի առաջին բանաստեղծութիւնները գրուած են խրամատին մէջ.
208
բանաստեղծը իրաւացիօրէն կ’ըսէ` թէ ինք եւ իր սերնդակիցները հասունցան եւ առնականացան խիզախ մարտերու ժամանակ, պատերազմի դաշտին մէջ։ Շատ գրողներ` պատերազմի դաշտէն ուղղակի գրական ասպարէզ մտնելով, նոր շունչ եւ թարմութիւն կը բերեն իրենց հետ։ Անոնցմէ մէկը եղած է Համոյ Սահեանը, որ կը ճանչցուի ռազմաճակատը գրած Նաիրեան դալար բարդի անզուգական բանաստեղծութեամբ։ Հայաստանի մէջ ամենուր աճած այդ սլացիկ ծառը` մեր ժողովուրդին վեհութեան խորհրդանիշն է։ Պատերազմի շրջանին լոյս կը տեսնեն Դերենիկ Դեմիրճեանի Վարդանանք42 եւ Ստեփան Զօրեանի Պապ թագաւոր43 հայրենասիրական վէպերը։ Սովետական ժողովուրդներու մարտական եղբայրակցութիւնը` յուզիչ պատմուածքներով ներկայացուցած է Հրաչեայ Քոչարը, որուն լաւագոյն պատմուածքներէն են` Սրբազան ուխտը եւ Որդու վերադարձը։ Հայրենական Մեծ Պատերազմին աւարտը` ցնցող, անմոռանալի պահ մը եղած է միութենական ժողովուրդներու կեանքին մէջ, երբ ամբողջ երկիրը վայելած է մեծագոյն յաղթանակին հաճոյքը։ Այդ օրերուն լոյս տեսած գրութիւնները` մեծ մասամբ պատերազմին անմիջական մասնակից` վառօդին հոտը տակաւին զինուորական համազգեստին ծալքերուն մէջ պահպանուած հեղինակներու գործեր են, որոնց նիւթը մօտէն ծանօթ է, շատ հարազատ, տպաւորութիւնները տակաւին թարմ, ուստի չէին ուզեր, որ թարմութիւնը վաղեմիութեան գիրկը անցնի44։ Հայրենական Մեծ Պատերազմի մասին` մեծածաւալ վէպեր գրուած են միայն պատերազմէն վերջ։ Հրաչեայ Քոչարի Մեծ տան զաւակները լոյս տեսած է երկու գիրքով. վէպը կ’ընդգրկէ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ գերմանական բանակին ջախջախումը Ստալինկրատի մէջ։ Յաղթանակը ձեռք բերուած է մեծ տան զաւակներուն հերոսութեամբ։ Քոչարի այս երկը` պատերազմի մասին գրուած լաւագոյն վէպերէն մէկը կը համարուի45։ Նոյն ժամանակաշրջանին գրուած է Սերոյ Խանզադեանի Մեր գնդի մարդիկ, ինչպէս նաեւ Հողը վէպը, որ սովետահայ արձակի նշանակալի երկերէն մէկը կը համարուի46։ Աղաւնիի Շիրակ վէպի հերոսուհի Արծուընակին տիպարը` հեղինակը ինքն է։ Հեղինակին նկարագրութենէն կ’երեւի` թէ ինչպէս գիւղացիներուն դժգոհութիւնը հետզհետէ կը վերածուի յեղափոխական պայքարի47։ Յետպատերազմեան սովետահայ գրականութեան մէջ մասնաւոր տեղ կը գրաւէ Վախտանգ Անանեանի Սեւանի ափին վիպակը, որ կ’արժանանայ մանկական գրականութեան համամիութենական մրցանակի եւ կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու։ Դէպքերը տեղի կ’ունենան Լճաւան գիւղին մէջ, ուր դաշտերը ոռոգելու համար ջուր չկայ եւ երաշտը մեծ վնասներ կը գործէ։ Պատանի բնասէրները կը յուզուին այս խնդիրէն եւ կ’երազեն ջուր գտնել։ Լիճին մօտիկը վիշապ մը կ’որոտար` ահ ու սարսափ տարածելով սնահաւատ գիւղացիներուն
209
վրայ։ Բնագիտութեան ուսուցիչ Արամ Յակոբեանը կ’ենթադրէ` որ ատիկա ստորերկրեայ ջուր մըն է։ Խիզախ պատանիները` ծերունի որսորդ Ասատուրի օգնութեամբ, բազմաթիւ որոնումներէ ետք կը գտնեն վիշապը` որ ստորերկրեայ գետ մըն է եւ սկիզբ կ’առնէ լեռնային լիճէն։ Պատանի բնասէրները լոյս աշխարհ կը հանեն փրկարար ջուրը։ Հեղինակին նպատակը եղած է ցոյց տալ, որ նոր գիւղին ապագան պիտի ստեղծէ մատաղ սերունդը։ Պատանի Արմէնին, Գրիգորին, Կամոյին, Յասմիկին խիզախութիւնն ու հնարամտութիւնը, կամքը եւ նպատակին հասնելու յամառութիւնը հեղինակը կը բացատրէ հետաքրքրական արկածներու միջոցով48։ Վախտանգ Անանեան իրաւամբ նկատուած է հայրենի բնութեան լաւագոյն երգիչը։ Հայաստանի բնութեան գրաւչութիւնը զգալու համար` պէտք է կարդալ հեղինակին որսորդական պատմուածքները, որոնք ամփոփուած են Լեռնային կածաններով հատորին մէջ։ Հայրենի երկիրը կը պատկերանայ իր դաշտերով, բարձրաբերձ լեռներով։ Ընթերցողին առջեւ կը բացուի վայրի ու գրաւիչ աշխարհ մը` իր ուրոյն կեանքով։ 1946թ. Սեպտեմբերի 26-ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնին մէջ կը բացուի Հայաստանի գրողներու երկրորդ համագումարը։ Եղբայրական ժողովուրդներու գրականութեան ներկայացուցիչներէն զատ, համագումարի աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ սփիւռքահայ գրականութեան քանի մը ներկայացուցիչներ։ Համագումարին որոշումները զգաստացնող նշանակութիւն կ’ունենան` գրողներուն հնարաւորութիւն տալով վերանայելու իրենց ստեղծագործական յղացումները49։ «Շեշտուած պոէտական անհատականութիւն» ունեցող բանաստեղծներու երիտասարդ սերունդը` Յովհաննէս Շիրազ, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Պարոյր Սեւակ, Մարոյ Մարգարեան, թէ արուեստով եւ թէ պատկերաւոր լեզուի զարգացումով, նոր աստիճանի կը բարձրացնէ սովետահայ բանաստեղծութիւնը` որ կը գրաւէ համամիութենական խստապահանջ ընթերցողներու ուշադրութիւնը50։ Այդ սերունդին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է նաեւ Հրաչեայ Յովհաննիսեանը, որուն սիրած հերոսը մարդն է, «որ քայլել է ասպետաբար», «քարը փշրել, արել է հող» եւ «մահ է տեսել ու յաղթել նրան»։ Այս ժամանակաշրջանին Մ. Վեսպերի հրատարակած բանաստեղծական ժողովածոներուն յատուկ է ջերմ ու անկաշառ հայրենասիրութիւնը։ Բանաստեղծը կը վերարտադրէ իր ապրումներն ու խոհերը, որոնք շնչաւորուած են Հայրենիքի մեծ սիրով, ժողովուրդին կատարած պատմական գործին խոր գիտակցութեամբ։ Ան կ’երգէ մեր Հայրենիքին պայքարը Ֆաշիզմի դէմ, սուրբ հողին համար ինկած հերոսները, կը փառաբանէ աշխատանքի մարդուն շինարար բազուկը, ժողովուրդներուն եղբայրութիւնը։ Բանաստեղծին համար` իր Հայրենիքին հզօրութիւնն ու բարօրութիւնն է ստեղծագործական ներշնչանքին
210
ակունքը51։ Ամբողջ երեսնամեակ մը` Վահագն Կարենցի քանի մը ժողովածոներուն մէջ ամփոփուած բանաստեղծութիւնները ուշադրութիւն գրաւած են իրենց քնարական շունչով եւ յուզականութեամբ։ Ան քաղաքացի բանաստեղծ էր` ժամանակի տագնապներով եւ հայրենասիրութեամբ համակուած, Կանտատ վերածննդի քնարական պոէմին մէջ կ’արտացոլայ հայ ժողովուրդին մաքառումներով անցած ճանապարհը։ Բանաստեղծը կը նկարագրէ վերածնած հայ ժողովուրդին ներկան` եղբայրական ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ։ Յետպատերազմեան սովետահայ բանաստեղծութեան հիմնական նիւթերէն մէկը` խաղաղութեան պաշտպանութիւնն է, որուն նուիրուած է Աշոտ Գրաշիի Խաղաղութեան զինուորները ժողովածոն։ Ժամանակաշրջանի սովետական բանաստեղծութեան գլխաւոր առարկան` արդիական, կարեւոր, հրատապ խնդիրներն են։ Իւրաքանչիւր բանաստեղծ` որ կ’ուզէ ժամանակին շունչը ըլլալ, չի կրնար ատոնց քովէն անցնիլ52։ Սովետահայ բանաստեղծութիւնն ալ ետ չէ մնացած սովետական գրականութեան առաջընթաց զարգացումէն, համաքայլ կ’ընթանայ անոր հետ, կ’ապրի մեծ կեանքով, կը ներշնչուի միեւնոյն նպատակներէն ու գաղափարականէն, զբաղած է պատմական միեւնոյն խնդիրներու լուծումով, ինչ խնդիրներ` որ գրուած են ամբողջ սովետական գրականութեան եւ արուեստին առջեւ, ի հարկէ պահպանելով իր ինքնուրոյնութիւնը, ազգային ինքնատիպութիւնը, հոգեկան կերտուածքի ուրոյն երանգները, ազգային կեանքէն, կենցաղէն, լեզուէն բխող առանձնայատկութիւններն ու արտայայտչական եղանակները53։ Յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղի ունեցած շատ կարեւոր իրադարձութիւնը պէտք է համարել զանգուածային հայրենադարձութիւնը, որ կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի երկու հատուածներու միաւորումին պատմական մեծ գործին նախաքայլը54։ Հեռաւոր ափեր նետուած հայութենէն փոքր մաս մը` կը վերադառնայ հայրենի երկիր, բուռն թափով կը լծուի կատարուող շինարարական աշխատանքին, սովետահայ գրականութիւնը կը հարստանայ սփիւռքէն եկած երիտասարդ հեղինակներու գործերով։ Այդ երկերու շարքին կը դասուին Աբիգ Աւագեանի Շիկացած հող եւ Ստեփան Ալաջաջեանի Անապատում վիպակները։ Երկու հեղինակները կը մերկացնեն իրենց քաջածանօթ դրամատիրական աշխարհի անմարդկային բարքերն ու օրէնքները, սոցիալական ու ազգային ահաւոր հակասութիւնները, ազգայնամոլութեան ու ցեղապաշտութեան մոլի գաղափարախօսութիւնը55։ Վրաստանի սովետահայ արձակագիրներէն Բենիկ Սէյրանեանի Աղբիւրներ պատմուածքներու ժողովածուին մէջ բացայայտուած են գիւղի եւ քաղաքի մարդոց կեանքն ու աշխատանքային սխրանքները56։ Այդ շրջանի գրականութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ միջազգային
211
իրադարձութիւններու արձագանգներուն։ Այդ նիւթին նուիրուած վէպ մըն է Գարեգին Սեւունցի Թեհրանը։ Հեղինակը կը նկարագրէ Իրանի քաղաքական կեանքը` Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի սկիզբէն մինչեւ երեք տէրութիւններու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած Թեհրանի խորհրդաժողովը։ Սեւունց կը դիմակազերծէ կայսերապաշտական պետութիւններու քաղաքական սադրանքները եւ երկիրը կառավարողներուն դաւաճանական քաղաքականութիւնը, ցոյց կու տայ Իրանի աշխատաւորութեան աղքատութիւնը, յետամնացութիւնը57։ Ընդհանուր առումով, յետպատերազմեան շրջանի գրականութիւնը ուշագրաւ է ընդգրկած նիւթերու բազմազանութեամբ եւ բարձր արուեստով` որ վկայութիւնն է սոցիալիստական իրապաշտ գրականութեան նոր վերելքին։ Յետպատերազմեան շրջանի սովետահայ գրականութեան մէջ նոր փուլ մը կը սկսի 1953 թուականէն, երբ կը ցրուի ստալինեան դաժան մռայլը, կը տապալի այն ահեղ գերմարդը` որ այնքան մեծ աւերածութիւններ ըրած էր ժողովուրդի կեանքին բոլոր բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ գրականութեան եւ արուեստի մարզերուն մէջ58։ Ատիկա եղաւ մեծ խիզախում մը, փրկարար միջոցառում մը, որ գրականութիւնը փրկեց կաշկանդումներէ, գրողները` մտավախութիւններէ։ Անհատի պաշտամունքին ժամանակ եղած փականքները բացուեցան, պահուած խոհերը սկսան ազատօրէն պոռթկալ, վերջապէս մարդիկ սկսան ըսել իրենց սիրտի ձայնը, խորհիլ սեփական խելքով եւ կեանքի երեւոյթներու մասին կազմել սեփական կարծիք։ Ատիկա մեծ ազդակ մըն էր գրականութեան յետագայ զարգացումին եւ վերելքին համար59։ 1954 թ. Յուլիսի 21-27 տեղի կ’ունենայ Հայաստանի սովետական գրողներու երրորդ համագումարը, որ կ’ամփոփէ անցնող ութ տարիներու գրականութեան զարգացումի արդիւնքները60։ Այն հեղինակները` որոնք տարիներ շարունակ կ’աշխատին մեր իրականութիւնը արտացոլելու ուղղութեամբ, լուրջ երկեր ստեղծելով, միաժամանակ զուգահեռաբար կը գրեն հիանալի երկեր` պատմական թեմայով, – կը գրէ սովետահայ գրականագէտ-քննադատ մը։ Այդ ուղղութեամբ առաջին օրինակը տուած է Պարոյր Սեւակը. Անլռելի զանգակատուն պոէմին բովանդակութիւնը նոր է, հայ ժողովուրդին պատմական ճակատագիրը` 1915 թ., ոչ մէկ երկի մէջ չէ արտացոլած այդ ծաւալով եւ այդ խորութեամբ։ Տաղանդաւոր բանաստեղծը` յեղափոխութեան ոյժով փրկուած հայրենի երկրին ու ժողովուրդին հայեցակէտէն նայած է անցեալին, ցոյց տալով փոքրաթիւ ժողովուրդի մը ողբերգութիւնը` կայսերապաշտական տէրութիւններու խարդաւանքի ու բարբարոս բռնակալութեան կրունկին տակ, ատով ալ իր երկին տուած է սոցիալական մեծ բովանդակութիւն61։ Ինքնատիպ բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի Թոնդրակեցիներ պոէմը
212
բերած է այլ նորութիւն մը. նիւթը` միջնադարի աղանդաւորական շարժումն է, աշխատաւորութեան սոցիալական պայքարի ողբերգական շրջանը, երբ ժողովուրդը ոտքի ելած էր արդար պահանջներով ու մեծ երազանքներով, բայց ժամանակը հնարաւորութիւն չէր տար ատոնց իրականացումին համար62։ Պատմական թեմատիկան արգասաւոր եղած է նաեւ գեղարուեստական արձակին մէջ։ Զարզանդ Դարեան` Սայաթ-Նովա պատմական վէպին մէջ հրաշալի պատկերած է հին Թիֆլիսը, ժողովուրդներուն համատեղ կեանքը եւ ճշմարիտ եղբայրութիւնը63։ Լայն տարածում գտած եւ ձեռքէ ձեռք անցնող «ուղենշային երկ» է Սերոյ Խանզադեանի Մխիթար սպարապետ վէպը64։ Վիգէն Խեչումեանի արձակին առանձնայատկութիւնները բնորոշելով, Պարոյր Սեւակ կը գրէ` թէ արձակագրին չի հետաքրքրեր պատմական որեւէ հաւաստի դէմք կամ դէպք։ Ան որեւէ պատմական նիւթ գեղարուեստական մշակումի չ’ենթարկեր. ան կը ստեղծէ այդ նիւթը` մնալով պատմական հողի վրայ եւ պատմութեան շրջանակին մէջ։ Այդ իմաստով` ան կը ջանայ լեցնել այն բացերը, որոնք ձգած են մեր պատմիչները եւ մեր քննական պատմագիրներուն դժգոհութիւն յարուցած։ Մեր դասական վիպագիրները պատմութեան մոխիրին վերադարձուցած են անոր բոցը` ամէն մէկը իրովի, բայց բոլորն ալ մէկ սկզբունքով` մշակելիք նիւթին տալով շունչ ու հոգի, պարգեւելով օդ ու լոյս։ Վիգէն Խեչումեան բոլորովին այլ միջոցով կը հասնի այդ արդիւնքին. ան պատմութենէն չ’առներ նոյնիսկ անոր պատրաստի մոխիրը. ինք կը պատրաստէ փոքրիկ խարոյկ մը` այնպիսի վառելանիւթէ մը, որ մինչեւ Խեչումեան ոեւէ մէկէն չէ նկատուած65։ ***
Երկու տասնամեակ առաջ, բանաստեղծ Գէորգ Էմին ակնարկի մը մէջ կը գրէր` թէ հինէն ի վեր Հայաստան եղած է գիւղատնտեսական երկիր, կալի, կամի, մաճկալի ու հորովելի երկիր։ Հայ գիւղացին եղած է մեր բազմաթիւ գիրքերուն հերոսը, ընթերցողը, յաճախ նաեւ հեղինակը, մեր գրականութեան վրայ դնելով թէ իր ճաշակը եւ թէ իր կնիքը։ Արդիւնաբերութիւնը` որ շատոնց կայ Հայաստանի մէջ, դեռ միս ու մարմին չէ դարձած, չէ մտած գրականութեան մէջ, աւանդութիւն չունի, եւ տակաւին այսօր ալ, աւելի դիւրին է ծերունի հայ հովիւին մասին երգել, քան քիմիական կոմբինատի երիտասարդ հայ բանուորին մասին։ Այսօրուան Հայաստանի մէջ ամէն տեղ գործարաններ կան` բացի սովետահայ գրողներու գիրքերէն։ Մեր գրողներէն ոմանք նոյնիսկ այսօր ալ կը շարունակեն կարծել` թէ հովիւը հայ գրականութեան թեմա է, իսկ ելեքտրոնային հաշուիչ մեքենայ ստեղծող հայ գիտնականը` պրոզայիկ եւ գրականութեան ոչ արժանի66։
213
Քսանական-երեսնական թուականներու շատ հովուերգուներ կը խրտչէին նոյնիսկ... գործարաններու տեսքէն։ Անոնց կը թուէր` թէ գործարանները «չեն սազիր» մեր երկրին, թէ ան եղած է եւ պիտի մնայ հորովելի եւ բարդիներու երկիր67։ Բայց թող չվշտանան այդ ծոյլ հովուերգուները` որոնցմէ շատերը գիւղատնտեսութիւն եւ անասնապահութիւն ըսելով, ամէնէն առաջ կը հասկնան իրենց հովուերգութիւններուն պատուովճարով ճաշակած խորովածը, – կ’եզրակացնէ սրամիտ գրողը68։ *** Սովետահայ գրականութիւնը շատոնց դուրս եկած է մեր հանրապետութեան սահմաններէն, ստացած է համամիութենական հնչեղութիւն. ասոր մէջ մեծ դեր կը կատարէ ռուսերէն լեզուն` որուն միջոցով հայ գրողներուն երկերը կը դառնան բազմազգ ընթերցողներուն սեփականութիւնը։ Չկայ ոեւէ հայ արձակագիր կամ բանաստեղծ, որուն գործերը թարգմանուած չըլլան թէ ռուսերէնի եւ թէ եղբայրական ժողովուրդներու լեզուներուն։ «Այդ բոլորը ցոյց կու տան` թէ ժամանակակից հայ գրականութիւնը կղզիացած չէ, կ’ապրի լայն կապերով, կերտելով մնայուն արժէքներ, հարստացնելով ազգային գրական մշակոյթը` ատով իսկ կը հարստացնէ սովետական ընդհանուր գրական մշակոյթը»69։ Մենք փոքր ենք, Սակայն համեմունք ենք մենք։ Աղն այն մի պտղունց, Որ համ է տալիս մի ամբողջ ճաշի։
*** Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Հայրենակարօտ ներկաներ, Վստահաբար` այս պահուն բոլորիս ալ համոզումը նոյնն է, որ մեր «յամառ երկիրը» եւ հազարամեակներու ընթացքին իր պատմութիւնը կերտած` նոյնքան «յամառ» ժողովուրդը պիտի յարատեւէ, այնքան ատեն` որ մեզի կտակուած երեսունութ տառերը հեգեն...։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 2 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.765 3 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.766 4 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.767 5 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.768 6 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.769 9 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.771 10 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.772 11 Փետրուար 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.773
214
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Գէորգ Էմին, Հայկական սիմֆոնիա, Երեւան, 1969։ Եօթ երգ, Երեւան, 1962։ 2. Հայկ Գիւլի-Քեվխեան, Քննադատական յօդուածներ, Երեւան, 1955, էջ 356-357։ 3. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր (1917-1945), Երեւան, 1961, էջ 97։ 4. Հր. Թամրազեան, Գրական ուղիներում, Երեւան, 1962, էջ 116։ 5. Արտաշէս Ոսկերչեան, Հայ մարքսիստական քննադատութեան հիմնադիրները, Երեւան, 1962, էջ 232։ 6. Վ. Մկրտչեան, «Պրոլետարական գրականութեան առաջացման պատմական ընթացքը», Գրական թերթ, 13 Հոկտեմբեր 1967։ 7. ՍՍՌՄ պատմութիւն, ակադեմիկոս Ա. Մ. Պանկրատովայի խմբագրութեամբ, Երեւան, 1960, էջ 55։ 8. Նշ. աշխ., էջ 56։ 9. Նշ. աշխ., էջ 133։ 10. Նշ. աշխ., էջ 134։ 11. Նշ. աշխ., էջ 135-136։ 12. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 37։ Յովհ. Ղազարեան, Հայ պոէզիան 1917-1920 թուականներին, Երեւան, 1958։ 13. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 87։ 14. Սեւակ Արզումանեան, Վահան Թոթովենց, Երեւան, 1961, էջ 24։ Ս. Մանուկեան, Վահան Թոթովենց, Երեւան, 1959, էջ 40։ 15. Եու. Փանեան, Հայկական Սովետական հանրագիտարան, հատոր 4, Երեւան, 1978, էջ 594։ 16. Սովետահայ գրականութեան տարեգրութիւն, Երեւան, 1957, էջ 59։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 65-66։ Յովհ. Ղազարեան, Ազատ Վշտունի, Երեւան, 1959, էջ 47-49։ 17. Ս. Սողոմոնեան, Արդի պոէզիայի մի քանի հարցերը, Երեւան, 1960, էջ 185։ 18. Ռոբերտ Վարդազարեան, Գրականութեան մասին, Երեւան, 1959, էջ 84։ 19. Ս. Աղաբաբեան, Գուրգէն Մահարի, Երեւան, 1959, էջ 25-31։ 20. Հ. Մկրտչեան, Ակսել Բակունց, Երեւան, 1958։ Սուրէն Աղաբաբեան, Ակսել Բակունց, Երեւան, 1959, 1963։ 21. Հ. Մկրտչեան, Սովետահայ գրականութիւն, չորրորդ հրատարակութիւն, Երեւան, 1960, էջ 239։ Էդ. Մ. Ջրբաշեան, Գրականութեան տեսութիւն, երկրորդ հրատարակութիւն, Երեւան, 1962, էջ 319-322։ 22. Հ. Մկրտչեան, Սովետահայ գրականութիւն, էջ 242։ 23. Հր. Թամրազեան, նշ. աշխ., էջ 11։ 24. Ն. Մ. Ադալեան, «Առաջին համաշխարհային պատերազմի արտացոլումը սովետահայ պատմուածքում», ՀՍՍՌ ԳԱ Տեղեկագիր հասարակական գիտութիւնների, 1965, թիւ 8, էջ 53։ 25. Նշ. աշխ., էջ 54, 55։ 26. Նշ. աշխ., էջ 56։ 27. Նշ. աշխ., էջ 56-59։
215
28. Նշ. աշխ., էջ 59։ 29. Աշոտ Հայրապետեան, Գրական եւ թատերական դէմքեր, Թբիլիսի, 1958, էջ 13-16։ 30. Ս. Աղաբաբեան, Գուրգէն Մահարի, Երեւան, 1959, էջ 90-129։ 31. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 786-792։ 32. 1936 թ. լոյս տեսած Չգրուած օրէնք վէպի 2-րդ վերամշակուած հրատարակութիւնն է. տե՛ս` Սովետահայ գեղարուեստական գրականութեան բիբլիոգրաֆիա, կազմեց Յովհ. Պետրոսեան, Երեւան, 1949, էջ 648։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 596։ 33. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր (1941-1964), Երեւան, 1965, էջ 187-197։ 34. Խաչիկ Պօղոսեան, Վէպեր եւ կերպարներ, Երեւան, 1961, էջ 15։ 35. Հայ ժողովրդի պատմութիւն, հատոր 7, Երեւան, 1967, էջ 489։ Սովետահայ գրականութեան տարեգրութիւն, Երեւան, 1957, էջ 243։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 519-522։ 36. Հայ ժողովրդի պատմութիւն, հատոր 7, էջ 489։ Սովետահայ գրականութեան տարեգրութիւն, էջ 245-262։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 523-528։ 37. Հայ ժողովրդի պատմութիւն, հատոր 7, էջ 490։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 528-529։ 38. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, գիրք առաջին, Երեւան, 1965, էջ 9։ 39. Ա. Ինճիկեան, Աւետիք Իսահակեան, Երեւան, 1955, էջ 188-193։ 40. Հայկազ Մուրադեան, Յովհաննէս Շիրազ, Երեւան, 1975, էջ 15-16։ 41. Ս. Սողոմոնեան, Արդի պոէզիայի մի քանի հարցերը, էջ 3։ Սուրէն Աղաբաբեան, «Հայրենական Մեծ Պատերազմը եւ գրականութիւնը», Գրական թերթ, 11 Ապրիլ 1975։ 42. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 160-165։ 43. Մ. Մկրեան, Էջեր հայ վիպասանութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1957, էջ 143152։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, էջ 699-704։ 44. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, էջ 14։ 45. Խաչիկ Պօղոսեան, նշ. աշխ., էջ 27-53։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 272-286։ 46. Հր. Թամրազեան, նշ. աշխ., էջ 57-59, 63-79։ Խաչիկ Պօղոսեան, նշ. աշխ., էջ 106111։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 674-682։ 47. Վ. Մնացականեան, Գրական հարցեր, Երեւան, 1958, էջ 115-122։ 48. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 609-614։ Խաչիկ Պօղոսեան, նշ. աշխ., էջ 70-71։ 49. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 334-356։ Սովետահայ գրականութեան տարեգրութիւն, էջ 514-521։ 50. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, էջ 3։ Արդի պոէզիայի մի քանի հարցերը, էջ 4։ 51. Հ. Ֆելեքեան, «Մ. Վեսպերի ստեղծագործութիւնը», տե՛ս` Մ. Վեսպեր, Արձակ էջեր, Երեւան, 1963, էջ 7։
216
52. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, էջ 7։ 53. Սողոմոն Սողոմոնեան, նշ. աշխ., էջ 25։ 54. Շ. Ռ. Յարութիւնեան, Սովետական Հայաստանը 40 տարում. տարեգրութիւն. համառօտ քաղուածքներով եւ բիբլիոգրաֆիական տուեալներով, Երեւան, 1960, էջ 299։ Հայ ժողովրդի պատմութիւն, հատոր 8, Երեւան, 1970, էջ 247-255։ Հայ ժողովրդի պատմութիւն, հնագոյն ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը, խմբագրութեամբ Պրոֆ. Մ. Գ. Ներսիսեանի, Երեւան, 1972, էջ 534-536։ 55. Ս. Մանուկեան, «Գրականութեան մի քանի աւանդների եւ խնդիրների մասին», տե՛ս` Ժամանակակից գրականութեան հարցեր, Երեւան, 1963, էջ 72։ 56. Աշոտ Հայրապետեան, նշ. աշխ., էջ 62-67։ 57. Խաչիկ Պօղոսեան, նշ. աշխ., էջ 54-56։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 621-632։ 58. Richard Nixon, The Real War, New York: Warner Books, 1980, pp. 60-62. 59. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, էջ 45, 67։ Հր. Թամրազեան, նշ. աշխ., էջ 178-179։ Ս. Աղաբաբեան, «Գրականութիւնը եւ մեր ժամանակի հերոսները», տե՛ս` Ժամանակակից գրականութեան հարցեր, էջ 5-18։ Վ. Մնացականեան, «Սովետական հումանիզմի մասին», տե՛ս` Ժամանակակից գրականութեան հարցեր, էջ 16-45։ Ս. Մ. Սարեան, Սովետահայ արդի պատմուածքը, Երեւան, 1959։ 60. Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 638-639։ Սովետահայ գրականութեան տարեգրութիւն, էջ 667-673։ 61. Հր. Թամրազեան, նշ. աշխ., էջ 259-260։ 62. Նոյն տեղը, էջ 260։ 63. Նոյն տեղը, էջ 261։ 64. Նոյն տեղը, էջ 261-277։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 692-704։ 65. Պարոյր Սեւակ, Երկերի ժողովածու, հատոր 5, Գրականագիտութիւն-քննադատութիւն, Երեւան, 1974, էջ 47։ 66. Գէորգ Էմին, Եօթ երգ, Երեւան, 1962, էջ 61։ 67. Նոյն տեղը, էջ 61։ 68. Նոյն տեղը, էջ 66։ 69. Սողոմոն Սողոմոնեան, Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, էջ 23։ Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն, երկրորդ հատոր, էջ 348։ Զ. Տ. Գրիգորեան, Հայ եւ ռուս ժողովուրդների դարաւոր բարեկամութիւնը, Երեւան, 1960, էջ 530։
217
ՀԱՅ ՁԵՌԱԳԻՐ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆՆԵՐԸ Հայ մամուլի երախտաւոր Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեանին Իր 40-ամեայ Յոբելեանին առիթով
Հայ պարբերական մումուլի «անդաստանը հսկայածաւալ ու բարդ աշխարհ մըն է»։ Մամուլի պատմութիւնը շատ սերտ կերպով կապուած է հասարակական միտքի պատմութեան հետ, ահա թէ ինչու մամուլին պատմական «էվոլիուցիան ուսումնասիրող բանասէրին համար իսկական եւ հիմնական սկզբնաղբիւրները` առաջին հերթին այդ պարբերական օրկաններն են»1։ Մամուլի պատմութեան ակնարկագիրը հաստատած է, որ նոյնիսկ այսօր` միայն անորոշ տեղեկութիւններ ունինք վիմատիպ, խմորատիպ եւ դպրոցականաշակերտական ձեռագիր ամսագրերու մասին2։ Այլապէս մօտենալով հարցին, մամուլի մատենագիտական ցուցակներու կազմութեամբ զբաղող բանասէր մը կը խորհի` թէ «Ճիշտ չէ ձեռագիր (չբազմացուած) թերթերը պարբերական մամուլի օրկաններ համարելը»3։ Դպրոցական-աշակերտական ձեռագիր թերթերու պատմութիւնը ուրուագրելու մասնակի փորձերէն` մեզի ծանօթ են Լեւոն Քիրիշճեանի եւ Արշակ Ալպօյաճեանի անտիպ հաղորդումները4, եւ Աւ. Ջանջուղազեանի ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ բանասիրական փշրանքներ։ ***
Հայ պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ` ԺԹ. դարու 40-ական թուականները կը յատկանշեն նոր շրջան մը, երբ մէկը միւսին ետեւէն բազմաթիւ պարբերականներ կը սկսին հրատարակուիլ հայկական գաղթավայրերուն մէջ5։ Արեւմտահայ գրականութեան առաջին պատմագիրը` ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան պատմութիւնը ուրուագրելով, կը գրէ. Երբ Պոլիս` այդ գաղթավայրը, պարագաներու անդիմադրելի բերմամբ Թուրքիոյ հայոց քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին, ինչպէս եւ ազգային միութեան ալ կեդրոնը կը հանդիսանար, բնական էր որ մեր մտաւոր զարգացմանն ալ կեդրոնավայրը դառնար, ու հոն ծնէր մեր նոր գրականութիւնը։ Կ. Պոլսոյ գրականութեան յատկանիշը հրապարակագրութիւնը եղաւ, վասն զի պոլսեցիները կռուի կեանքով մը ապրեցան։ Մեր աւանդական
218
գաղափարները այդ ատենները սկսան իրենց դէմը նոր գաղափարներ գտնել։ Կռիւները վերջացան Սահմանադրութեան հաստատութեամբ։ Բայց ալ շարժումը սկսած էր. ընդհանրութիւնը հանրային կեանքի խնդիրներով կը զբաղէր շատ ընդարձակածաւալ սահմաններու մէջ։ Օրագրութիւնը հաստատապէս հիմնուած էր, ու հայ տաղանդները զանազան ձեւերու ներքեւ կը նուիրուէին հրապարակագրութեան։ Հրապարակագրութիւնը աւելի լայն առումով մը հասկնալու ենք։ Պարզ յօդուածին հետ թատրերգութիւնն ալ, ոտանաւորն ալ անմիջական նպատակի մը կը ծառայեն։ Տակաւին ոչ ոք մտքէն կ’անցընէ արուեստը արուեստին համար գրականութիւն մը։ Սահմանադրական ժամանակին հոգին հրապարակագրութիւնը եղաւ։ Գրողներուն թիւը անհուն է, բայց շատ քիչեր կը գտնուին, որոնք հրապարակագրութեան մէջ գրական տաղանդ կը փայլեցնեն։ Օրագրութիւնը իրեն քաշեց գրողներու խումբեր, վասն զի մաքառումի տարիներ էին։ Ու յետոյ, օրագրութիւնը մարզարան մըն է եւ նախադուռ մը գրականութեան6։ Ֆրանսացի հայերէնագէտ Էտուար Տիւլօրիէ` ԺԹ. դարու հայ հասարակական կեանքին նուիրուած ուսումնասիրութեան մէջ, հետեւեալ անդրադարձութիւնները ըրած է ընդհանուր հայ լրագրութեան մասին. Բաւական թուով հայազգի բնակիչ ունեցող քաղաք մը չկայ` որ գէթ փորձ մը փորձած չըլլայ` լրագիր կամ ուսումնական հանդէս հրատարակելու։ Այս նկատմամբ արեւելեան ուրիշ ամէն ազգերէն աւելի յառաջադէմ են, եւ իրենք եղան առաջին` քաղաքական եւ բանասիրական օրագրաց գաղափարը տարածող եւ ծաւալող յարեւելս7։ Հարեւանցի ակնարկով մըն ալ կարելի է հաստատել` որ նոյնիսկ ձեռագիր թերթերը եղած են հայկական գաղթօճախներու կազմակերպուած կեանքին բաղկացուցիչ մասը, ցոլացնելով հասարակական կեանքը` երբեմն ալ դառնալով անոր պայքարի հատու զէնքերէն մէկը։
Ուշագրաւ է` – կը գրէ ձեռագիր քանի մը թերթեր խմբագրած բանասէր մը, – որ հայաբնակ շատ մը քաղաքներու մէջ, տպարաններու հաստատութենէն առաջ հրատարակուած են ձեռագիր կամ խմորատիպ թերթեր, որոնք սահմանափակ շրջանակի մէջ գործօն դեր կատարած են8։
1840-1850 թուականը նշանաւոր ժամանակամիջոց մը եղած է թրքահայոց համար կրթական-ուսումնական շարժման տեսակէտով։ Այդ թուականներուն Կ. Պոլսոյ թաղային վարժարաններու օժանդակ ընկերութիւններ կազմուած են։ Այս շարժումը իր արձագանգը գտած է Իզմիրի, Նիկոմիդիոյ, Պրուսայի եւ այլ վիճակներու մէջ ալ9։ Բանասիրական տուեալներու համաձայն, ձեռագիր թերթերու ամենահին շրջանը ԺԹ. դարու առաջին կիսուն վերջին տարիներն են.
219
1840-ական թուականներուն Նիկոմիդիոյ եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ ձեռագիր մէկէ աւելի թերթեր խմբագրուած են եռանդուն երիտասարդներու ձեռքով10։ Այլուր` հեղինակը գտած է Նիկոմիդիոյ այդ թերթին անունը եւ կու տայ յարակից մանրամասնութիւններ. Կ. Պոլսոյ օրինակին վրայ, առաջին հայ լրագիրին հոն հրատարակութենէն հազիւ եօթըութ տարիներ յետոյ, Նիկոմիդիոյ եւ Պարտիզակի մէջ լրագիր հրատարակելու փորձեր կ’ըլլան` եթէ ոչ տպագիր, գէթ ձեռագիր։ Վիքթոր Լանկլուա կը վկայէ` թէ Կ. Պոլսեցի Համբարձում Քերովբեան անուն երիտասարդ մը, որ Տատեաններու կողմէ Նիկոմիդիոյ ասուեղինաց գործարանին մէջ պաշտօն ունէր եւ Մուրատ վարժապետի Ընդհանուր Տնօրէնութեան ատեն Նիկոմիդիոյ վարժարաններուն հոգաբարձու էր, կը հրատարակէր Սուրհանդակ անուն զաւեշտաթերթ մը, որ կ’ընդօրինակէին աշակերտները։ Քերովբեան զայն կը ղրկէր Կ. Պոլիս` ամիրաներուն, որպէսզի զուարճանան։ Այս թերթը այն ատեն մեծ համբաւ ունէր եւ ձեռքէ ձեռք կը խլուէր11։ «Պարտիզակ` որ ոչ մէկ բանի մէջ ետ կը մնար գաւառի կեդրոնէն, 1848 թ. ունէր իր ձեռագիր հանդէսը` Բանբեր Պարտիզական, որուն խմբագիրն էր Յովհաննէս Մկրեան, գիւղին ամէնէն ազդեցիկ աղային` Կարապետ Մկրեանի զաւակը», որ յետագային Բերայի ծանօթ աւագերէցը եղաւ12։ Ֆրանսացի նոյն հայագէտին ծանօթ եղած է նաեւ 1848 թ. Տրապիզոնի մէջ հրատարակուած Հայաստան ձեռագիր թերթը13։ Յաջորդ տասնամեակին վերջերը, Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի աշակերտներէն «Գրիգոր Ադիբեգեանցը եւ ընկերները միտք են յղանում հիմնելու աշակերտական պարբերաթերթ, որ խմբագրում է Միհրդատ Ամիրբեկեանցը։ Այդ ձեռագիր փոքրիկ թերթի էջերում փայլատակում է Մշակ լրագրի տաղանդաւոր աշխատակից Ամիրբեկեանցի գրական շնորհքը։ Նա գրում է բազմաթիւ սրամիտ ֆելիետոններ Չաքուճ կեղծանունով»14։ Մի անգամ, 1895 թ. աշնանը Ստեփանը ինձ մօտ եկաւ, երբ ես հայրիկիս արշիւն էի նայում։ Ես նրան ցոյց տուեցի 1850-ական թուականներից պահպանուած «Սիրագումար ժողով» երիտասարդական խմբակի արձանագրութիւնները։ Այն հիմնադրուել էր հօրս սովորելու տարիներին։ Պահպանուել էին ձեռագիր ժուռնալներ, որոնց մէջ զետեղուած էին խմբակի անդամների յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները15։ Ձեռագիր թերթերու հրատարակութեան պարագաները ուսումնասիրողին հաստատ համոզումով` Ամենամեծ հաւանականութեամբ նոյնը պատահած է նաեւ ուրիշ գաւառներու մէջ, ուր
220
փորձեր եղած են այս տեսակ ձեռագիր թերթերու հրատարակութեան, որոնք տպագիր հրատարակութեանց առաջապահները ըլլալու կոչուած էին։ Սակայն այդ բարեշրջումը առանց ողջունելու հասած են Համիտեան ռէժիմի հալածանքները եւ խստութիւնները եւ կասեցուցած այդ շարժումը որուն գլխաւոր օրօրանը դպրոցն էր եւ մշակողները` դպրոցական պատանիներ, որոնք Կ. Պոլսոյ երիտասարդ-ուսումնականներու ընդօրինակիչները կը հանդիսանային իրենց սահմանափակ միջոցներովը մամուլի ասպարէզ նետուելով։ Արդարեւ գաւառներու մէջ այս տեսակ հանդէսներ – մեծ մասամբ տղայական – խիստ շատ եղած են։ Կեսարիոյ մէջ ալ ապահովաբար անոնցմէ որոշ թուով պէտք է խմբագրուած ըլլայ, սակայն ինչպէս բոլոր միւս քաղաքներու նոյնպէս Կեսարիոյ մէջ անոնց գոյութիւնը մոռցուած է։ Բիւզանդ Քէչեան` ապագայ մեծ հրապարակագիրը, իր յիշատակներուն մէջ կ’ըսէ թէ տակաւին մանուկ, Կեսարիոյ վարժարանին մէջ այսպիսի ձեռագիր լրագիր մը հրատարակելու նախափորձը ըրած է։ Անշուշտ իրմէ առաջ եւ իրմէ յետոյ ուրիշներ նմանօրինակ փորձեր ըրած են16։ Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանի լրագիրներու լիակատար ցուցակին մէջ յիշուած է 1860-1863 թթ. Իզմիր հրատարակուած Աստղ ամսատետրը17։ Փրոֆ. Աբրահամ Տէր Յակոբեան մատաղ հասակին (1870-ական թթ.) «խմբագիրը կ’ըլլայ Սոխակ ձեռագիր թերթի մը, այն ատենի հայ լրագիրներէն համակրանօք ողջունուած»18։ Կիլիկիոյ Գիշերօթիկ վարժարանի կրտսեր դասարանէն` Ներսէսեան Նազարէթ, Մինասեան Ռաֆայէլ եւ Քիւրքճեան Մովսէս 1874-ին «գաղափարը կ’ունենան ընկերակցութիւն մը հիմնելու Եդեմեան անունով, նպատակադրելով տպարան մը հաստատել Այնթապ եւ ազգը փրկել. Եդեմ անունով ձեռագիր թերթ մըն ալ կը հրատարակեն, անկախ Գիշերօթիկին Բիւրակնէն` որ տասնեակ մը օրինակներով կը ձեռագրուէր»19։ Երուանդ Օտեանի գրական-հրապարակախօսական ձիրքերը երեւան կու գան 1880 թ., Ռումանիոյ Ճուրճեւոյ քաղաքին մէջ.
Հազիւ թէ բաւական գրել-կարդալ սորվեցայ, – կը գրէ ան «գրական յիշատակներ»ուն մէջ, – առաջին գործս եղաւ տան մէջ ձեռագիր թերթ մը հրատարակել, որուն մէջ համառօտ կերպով կ’արձանագրէի խոհարարին եւ սպասուհիին միջեւ տեղի ունեցած կռիւները, օրուան ճաշացուցակը, այցելութիւնները, պտոյտները եւ այլն։ Թերթը երեք ընթերցող ունէր միայն, հայրս, մայրս եւ հօքրիկս, այսուհանդերձ հրատարակութեան ծախքը այնքա՜ն աննշան էր որ կրցայ ուզածիս չափ շարունակել։ Այս առաջին գրական փորձիս գլխաւոր յատկանիշն էր տառասխալներու անսովոր առատութիւնը20։
[1880 թ. հիմնուած Վանի որբանոցին] անդրանիկ սաներէն` Մարտիրոս Նալպանտեան եւ Մամբրէ Մկրեան, դեռ ուսանող, 1881-1883 թուականներուն կը խմբագրէին
221
տասնհինգօրեայ ձեռագիր գրական պարբերական մը` զոր յետոյ խմորատիպի վերածեցին ռուսաց փոխ-հիւպատոս Կամսարականի նուիրած փոլիկրաֆ գործիքով (նորութիւն մը այն ատենուան Վանի համար), մինչեւ հարիւր օրինակ կը հանէին եւ ունեցած թղթակիցներով21։ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի չորրորդ դասարանի աշակերտները` 1881 թ. կը խմբագրեն Աշակերտական թերթը. Հայ գրականութեան ուսուցիչ Պալեանի եւ դպրոցի տեսուչ Արշակ Նահապետեանի հաւանութեամբ լոյս տեսնող երկշաբաթաթերթն իր առջեւ նպատակ է դնում բարձրացնել աշակերտների առաջադիմութիւնը մայրենի լեզուի մէջ, վարժեցնել աշխարհաբարին իրենց գրաւոր աշխատասիրութիւններով` բարոյական, բանասիրական եւ ստեղծագործական բնոյթի ինքնուրոյն եւ թարգմանական գործերով22։ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ` 1882 թ., Երուանդ Օտեան կը շարունակէ իր հրապարակախօսական գործունէութիւնը` հրատարակելով Վառարան ձեռագիր թերթը, որուն մէջ ընդհանրապէս կը յարձակէի մենէ բարձր կարգերու աշակերտներուն վրայ, – կը պատմէ ան «գրական յիշատակներ»-ուն մէջ։ – Այս յարձակումները այնքան գրգռեցին կրտսեր կարգի աշակերտները որ ինծի դէմ պայքար մղելու համար սկսան իրենք ալ թերթ մը հրատարակել Պօղոս Քօլօլեանի խմբագրապետութեամբ։ Վառարան իր քննադատութիւններու շրջանակը հետզհետէ ընդարձակեց եւ սկսաւ կծու ակնարկութիւններ ընել վարժարանի կերակուրներու մասին, այն աստիճան որ օր մը, տնօրէնը Ռ. Յ. Պէրպէրեան դասարան գալով, պաշտօնապէս յայտարարեց թէ Վառարանի հրատարակութիւնը արգիլուած է։ Յաջորդ շաբթուն. – Թերթս շաբաթը մէկ անգամ լոյս տեսնէր։ – Անհաշտ անունով նոր թերթ մը հրապարակ հանեցի։ Պէրպէրեան իսկոյն լուր ղրկեց եւ զիս իր քովը հրաւիրեց. - Պարոն, ըսաւ խստօրէն, ես քեզի չարգիլեցի՞ թերթ հրատարակելը։ - Այո էֆէնտի, պատասխանեցի, Վառարանի հրատարակութիւնը արգիլեցիք, բայց ասիկա տարբեր թերթ է...։ - Ասոր արտօնութիւնը ուրկէ՞ առիր հարցուց։ Այս հարցումը զիս շփոթեցուց եւ չկրցայ պատասխանել23։ Գնալը կղզիի «Հայկական կրթարան»-ի հիմնադիր Գրիգոր Ոսկեան` 18831884 թթ. կը հրատարակէ Լոյս անունով ձեռագիր ընտանեկան թերթը24։ Գաղափար մը տալու համար այդ ամսօրեայ թերթին բովանդակութեան վրայ` «յիշենք քանի մը նիւթերու խորագիրներ. Ընտանիք, Պատանեակ եւ վարդ, Առ սիրեցեալ մայրն իմ, Եղբայր եւ քոյր, Ի յիշատակ սգալի մահուան հօր մերոյ, Ի ծնունդ Յիսուսի, Նոր տարի 1884, Փունջն իմ, Ձայն խղճի, Բարեգործութիւն»25։ 1885 թ. սկիզբը` Գրիգոր Ոսկեան «պետական պաշտօնի կոչուելով կը
222
ստիպուի ցորեկները բացակայիլ ընտանիքէն։ Այդ միջոցին եղբայրները կը շարունակեն իր սկսած գործը։ Յարութիւն, Կարապետ եւ Յովհաննէս կը սկսին հրատարակել ձեռագիր հանդէս մը` Ծաղիկ, որուն Գրիգոր ալ կ’աշխատակցի»26։ Այնթապի Վարդանեան Կրթարանի Մենտոր (1886 Յունուար-Դեկտեմբեր) հայատառ թրքերէն կիսամսեայ հանդէսէն զատ, «մենք` դասարանի ընկերներով, ետքը առանձին պարբերական հրատարակութիւն մը ունեցանք բազմագրութեամբ, մեր Յոյսն էր այդ պարբերականը, իսկ ես առանձինն Վարժարան մը ունէի ինծի համար, մեր տան մէջ հրապարակագրական վարժութեան ձեռնարկ մը», կը գրէ Բաբգէն Ծ. Վ. Կիւլէսէրեան27։ Սամաթիացի մեծ լեզուաբանը յուշերուն մէջ կը պատմէ. Ամէն սկսնակ պատանու նման ես էլ սկսեցի «հրատարակել» մի պարբերական հանդէս Ասպարէզ անունով, ուր գրում էի ոտանաւորներ եւ ստուգաբանական յօդուածներ. օրինակ` թէ աղ եւ հող նոյնարմատ են, ինչպէս ֆրանսերէն ՍԷԼ եւ ՍՕԼ կամ պարսկերէն նեմէք եւ սեմէք։ Յիշելու արժանի է նաեւ կապիկներու աստուածաշունչը եւ նման երախայական բաներ։ Առիթով մը, այդ ամսագրին երկու-երեք համարները` Աճառեան ցոյց տուած է Գաբրիէլ Էֆէնտի Նորատունկեանին28։ Պոլսահայ անուանի հրատարակիչ-գրավաճառ Վահան Զարդարեան «յաճախած է Մայր-Վարժարան` ուր քանի մը տարի հրատարակած է Իրաւունք ուսանողական ձեռագիր թերթը29։ 1889-1890 թթ., Նոր Նախիջեւանի մէջ` Ռուբէն Բերբերեանի խմբագրութեամբ կը հրատարակուի Տարերք ձեռագիր շաբաթաթերթը, երկու համար30։ 1890 թ. Կ. Պոլսոյ ձեռագիր թերթերէն եղած է Բոյրը31։ 1890-էն առաջ` Երբ Հաճնոյ մէջ տպարան գոյութիւն չունէր եւ խմորատիպի դրութիւնն ալ անծանօթ էր, Մարտիրոս Սէքսէնեան Ծաղիկ անունով գրական, գիտական եւ առողջապահական խնդիրներու յատկացուած ձեռագիր շաբաթաթերթ մը սկսաւ հրատարակել, եւ անոր մէկ մասն ալ ժողովուրդին հասկնալի ընելու համար կը հրատարակէր հայատառ թուրքերէնով։ Դժբախտաբար այս թերթը հազիւ թէ ինը-տասը ամսուան կեանք ունեցաւ32։ Ձեռագիր թերթերու խմբագրութեան գործօն մասնակից եւ ժամանակի գրեթէ բոլոր անցքերուն իրազեկ բանասէրը կը գրէ. Համիտեան խստութիւնները ջնջեցին ինչ որ դպրոցէն դուրս ալ կը վերընձիւղէր եւ ծիլեր կ’արձակէր։ Սակայն դպրոցական պատանիներ – երազող հոգիներ – առանց նկատի առնելու ժամանակը եւ կացութիւնը, շարունակեցին ինչ որ արդէն իրենց նախորդները ըրած էին, միայն այս անգամ դպրոցին չորս պատերուն մէջ սահմանափակուած մնալու պայմանով։
223
Դպրոցական պատանիներու խմբագրութեամբ լոյս տեսած հանդէսները` կոչուած էին դպրոցէն դուրս ալ դեր մը կատարելու եթէ Համիտեան ռէժիմը իր ճիրանները ցոյց չի տար գաւառներու մէջ կրթական լուրջ շարժում մը սկսելէն անմիջապէս յետոյ33։ Իրազեկ բանասէրը կ’եզրակացնէ` որ Ամերիկեան Գոլէճներու հիմնադրութենէն եւ Միացեալ Ընկերութեան ոգեւորեալ գործունէութեան արգասիքները տեսնուելէն յետոյ էր որ կարելի պիտի ըլլար գաւառներէն սպասել լուրջ շարժում մը, որ սակայն չկրցաւ մարմին առնել, վասնզի ճիշդ այդ պահուն կառավարութեան խստութիւնները արգելք ըլլալ սկսան ոեւէ մտաւորական-գրական գործունէութեան։ Այսպէս, հազիւ թէ գաւառներու մէջ կրթական շարժումը սկսած եւ անոր արդիւնքները զգալի ըլլալու օրերը եկած էին երբ հարուածը հասաւ եւ սպաննեց ամէն շարժում։ Միայն օտար դրօշի տակ ապաստանած մի քանի կրթական հաստատութիւններու մէջ, մասնաւորապէս Ամերիկեան Գոլէճներու մէջ, հայ ուսանողներ իրենց բացառիկ դիրքին առաւելութենէն օգտուելով, կրցած են յանդգնիլ շարունակել ձեռագիր կամ խմորատիպ պարբերականներու խմբագրութիւնը34։ Անտիպ ուսումնասիրութենէ մը կատարուած ընդարձակ քաղուածքները կը հաստատեն վերոյիշեալ կարծիքը։ Կ. Պոլսոյ համբաւաւոր Ռոպըրթ Գոլէճի աշակերտական հայերէն թերթերուն պատմութիւնը գրի առնողը կը խոստովանի, թէ Գրական թաքուն սքանչելիքներ կամ բանաստեղծական հրաշակերտներ երեւան հանելու դիտումով չէ անշուշտ` որ ձեռնարկած եմ մեր Գոլէճին հայ լրագրութեան պատմութիւնը գրելու։ Ինչ որ զիս մղած է աւելի այս գործին, հետաքրքրութիւնն է այն` տեղեկանալու մեր նախորդներուն նկարագրին, գործունէութեան, զարգացման աստիճանին եւ գրական ճաշակին35։ Գոլէճիս հայ լրագրութիւնը երկար տարիներէ ի վեր հազիւ արտադրած է իրապէս գրական մէկ-երկու կտոր, համեղ ու (սանկ ըսենք) մամուլի յանձնուելու արժանի։ Անշուշտ այդ մասին պահանջ մը ընելը անտեղի պիտի ըլլար, քանի որ մեծ մասամբ սկսնակներու գրչի զբօսանքները եղած է եւ է անոր բովանդակութիւնը36։ Ուրիշ վարժարաններ` իմ տեսածներուս եւ լսածներուս մէջ, արդարեւ կը հրատարակուէին թերթեր. օրինակի համար` Միրիճանեանի մէջ հանդէս մը, Պէրպէրեանի մէջ` Գարուն, Զեփիւռ, եւ այլն, Կեդրոնականի մէջ` Հայ, Ծիծաղ, եւ այլն. բայց չեմ գիտեր դպրոց մը` ուր աշակերտներու կողմէ խմբագրուած թերթերը ըլլան անչափ ընդհանրական եւ պաշտօնապէս թոյլատրուած, որչափ են Ռոպըրթ Գոլէճին մէջ։ Այս առանձնաշնորհումը` կրնանք առանց վարանումի վերագրել մեր հովանիին, որ օտար կ’անուանուի, ու կը պարտինք զայն մեր պատուարժան ուսուցչապետին37։ Գոլէճը ունի Հայ Սանուց Գրական Միութիւնը որ հիմնուած է 1871 Հոկտ. 20-ին։ Այդ Միութիւնը թէպէտ չի բովանդակեր Գոլէճին ամբողջ հայութիւնը, սակայն արդար պատիւ ըրած պիտի ըլլանք իրեն, եթէ յիշենք` թէ Յ. Մոստիչեանի, Մ. Ծալեանի, ողբացեալ Մ.
224
Շահնազարեանի, Ս. Քարբութլըեանի, Յ. Չայեանի պէս անդամներ ունեցած է։ Ինչպէս սովորութիւն է` որ գրական որեւէ ակումբ իր օրկանը կ’ունենայ, Հայ Ուսանողաց Ընկերութիւնն ալ տասնեօթը տարիներ առանց թերթի մնալէ ետք, վերջապէս 1888 թ. կը սկսի ունենալ սեպհական թերթ մը` Միութիւն անունով, որ պիտի յարատեւէ այնքան ատեն` որ Ընկերութիւնը ապրի38։ Սանուցի որոշումով` 1888 Նոյ. 15-ին, Ընկերութեան դիւանը կը հրատարակէ դպրոցական նոր շաբաթաթերթին առաջին համարը, Վ. Թօփհանէլեանի խմբագրութեամբ։ Յաջորդաբար` ամէն Հինգշարթի լոյս կը տեսնեն վեց թիւեր։ Այս առաջին շրջանի Միութիւնները` որոնք անկողք են եւ չորս էջերով, բաւական խնամուած գիր մը կը ներկայացնեն, յօդուածները` բացի մէկ փոքր մասէն, շահեկան են, գրութիւնները ընդհանրապէս անստորագիր, աստղանիշներ կը ցուցնեն միայն իրենց տակ39։ Դիւանի նոր ընտրութեամբ, վարիչ կը նշանակուի Վարդան Ճինիշեան` որուն օրով լոյս տեսած թիւերը աւելի անշահեկան են, լեզուն գրաբարախառն, գիրը անխնամ40։ Անցնելով Բ. տարիին` նոր բան մը չ’երեւիր դժբախտաբար. Բենիամին Վարժապետեանի վարչութեան տակ ունինք եօթը թիւեր, նոյն անճաշակ ձեւով ու անխնամ գիրով41։ Յ. Յովակիմեան եւ Ապաճեան ալ կը հրատարակեն եօթը համար, որոնց ընդհանուրին մասին պատմագիրը կը գրէ. Եզրակացնենք` թէ իր առաջին երկու տարիներուն մէջ մեր դպրոցական շաբաթաթերթը չէ հասած փափաքելի վիճակի մը42։ Իսկ երրորդ տարեշրջանը բոլորուած է առանց թիւի մը հրատարակման։ Գ. տարուան վարիչը կ’ըլլայ Յովհաննէս Չայեան։ 1892-1893 տարեշրջանի սկիզբէն` ընդհանուր ժողովի որոշումով, շաբաթաթերթ Միութիւնը կիսամեայի եւ աւելի մեծ ծաւալի կը վերածուի43։ Անկախաբար Ընկերութեան անդամներուն թերթը ըլլալուն, աժեմը չաժեմը անոր մէջ բան մը գրելու մարմաջը կ’ունենայ` այլաբանական, բանաստեղծական44։ Եգիպտահայ ազգային ղեկավար Ճանիկ Չագըրի մասին կը կարդանք. Ռոպըրթ Գոլէճի մէջ արդէն իր մէջ կ’երեւին ազգային զգացումներու արտայայտութիւնը. ինք Հայ Ուսանողական Միութեան մէջ գործօն դեր մը կ’ունենայ եւ երկար տարիներ կը վարէ ատենապետութիւնը, ինչպէս նաեւ խմբագրութիւնը Միութիւն եւ Քնար անուն ձեռագիր թերթերուն45։ Ռոպըրթ Գոլէճին մէջ նախապէս հրատարակուած են` Սէր եւ Յոյս անհատական թերթերը, իսկ Միութիւն թերթի ժամանակ լոյս տեսած է նաեւ Մանչ տարօրինակ անունով «բանաստեղծական, ազգային, գոլէճական,
225
տնկագործական, բժշկական եւ առեւտրական թերթը»46։ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտական ձեռագիր թերթերուն մասին շահեկան մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ Ա. Ալպօյաճեան` որուն անտիպ յուշերէն կը քաղենք հետեւեալը. 1889-ին կամ առ առաւելն 1890-ին` այսինքն ինը-տասը տարեկան եղած ատենս է, որ առաջին անգամ շարադրութենէ տարբեր բան մը գրեցի. եւ ի՞նչ կը կարծէք` որ գրած ըլլամ, 90 տոկոսով խմբագրական մը, Լուսին անունով թերթի մը` որուն խմբագրապետն էի։ Կը յիշեմ` թէ Պէրպէրեան վարժարանի մէջ այն ատեն կը հրատարակուէին զանազան ձեռագիր լրագիրներ եւ ամէն կարգ իր լրագիրը ունէր եւ կ’երեւի թէ մենք երախաներս այդ պատիւէն չզրկուելու համար ունեցանք մեր Լուսինը, որուն թիւերէն մէկ հատ չկրցայ գտնել գոհացում տալու համար անձիս հետաքրքրութեան, թէ այն ատենուան ոճին եւ թէ մտածելու եղանակին վրայ։ Սաչափը աղէկ կը յիշեմ` թէ Լուսին մինչեւ աւագ Զ. կամ բարձրագոյն կարգ կ’երթար եւ կը կարդացուէր. երիցագոյններէն Վահան Թէքէեան` ծանօթ գրող, իր յօդուածներով պատուած էր զմեզ։ Նոյնպէս կը յիշեմ, թէ ընկերս Հրանտ Էսաեան խիստ մաքուր եւ անգիծ թուղթի վրայ կը գրէր զայն, շատ անգամ ալ տպադիր։ Տարի մը շարունակեց ասիկա։ Երկրորդ տարին` կրտսերագոյն (Բ. կարգ), Էսաեան կը կրկնէր, ուստի Լուսին կը խաբանուի մինչեւ կրտսեր (Գ. կարգ), ուր ես կը կրկնէի եւ Էսաեան եկաւ հասնիլ ինծի. դարձեալ դասընկեր եղանք։ Հոս նոր գործունէութիւն մը կը սկսի. Զարդարեան Պիմէն կը հրատարակէ թերթ մը` Ընտանիքը, Մանաւազեան Զարեհ ուրիշ մը` Գարուն անունով, եւ Էսաեանի Լուսինը` որուն միայն աշխատակցեցայ, զի կարգս կրկնած ըլլալով չէի ուզեր ատոնցմով զբաղիլ։ Յաջորդ տարին Էսաեան դպրոցը կը փոխէր եւ ես Երէց կարգ կը փոխադրուէի։ Լուսին, որ կրտսեր կարգին մէջ արդէն խիստ անկանոն կ’երթար, Երէցին մէջ պիտի չկրնար շարունակուիլ, մինչ դեռ Մանաւազեան զօրաւոր խմբակի մը գլուխ անցած, օրէ օր իր թերթը առաջ կը տանէր եւ արդէն Կրտսերին մէջ խաւարեցուցած էր Զարդարեանի թերթը, որ իր տիրոջ դպրոցէն մեկնելով` ինքնին կը դադրէր, ասպարէզը թողլով Մանաւազեանի, որուն ուղղութեան հաւնողներէն չէի, բայց իմ խօսքս չէր անցներ։ Երէցի մէջ Մանաւազեան անմրցակից էր, եւ անոր անմրցակից մնալը չուզողներ կային, ուստի ինծի յորդորեցին թերթ մը հանել. որովհետեւ գիրս անխնամ էր` Սարգիս Պօհճալըեան ստանձնեց գրել, իսկ ես դարձեալ խմբագրապետ եղայ։ Թերթը մկրտեցինք Լուսին, եւ պատկառելի հնութիւն մը տալու համար ըսինք` Դ. տարի, թիւ 4։ Լուսին բաւական յաջող էր եւ կարող մրցակից հանդիսանալու Գարունին, որուն տէրը նոր ոյժ մը երեւան հանելու համար դարձեալ սկսաւ փոլիկրաֆիով բազմաթիւ օրինակներ հանել, որով Լուսին սկսաւ սայթաքիլ։ Վերջերը, անհամաձայնութեան մը հետեւանօք ես թողուցի Լուսինը որ արդէն դադրեցաւ ինքնին, նոյնիսկ Գարունին հետ, որուն տէրը դպրոցը թողուց47։ [Տիրան Չրաքեան] ի Պէրպէրեան, Կրտսեր կարգէն` հրատարակած է Սոխակ ձեռագիր պատկերազարդ շաբաթաթերթը։ Դարձեալ հոն, Թէոդիկէ քսան թիւ հրատարակուած Բոյր
226
հանդէսին գլխաւոր աշխատակիցն եղած է եւ բոլոր պատկերները գծողը։ Նոյնին գործակցութեամբ դպրոցէն դուրս ալ լոյս ընծայած Ժամը 12 պարբերականը` զոր վերի կարգի սաներ կ’ընթեռնուին48։ Վահան Թէքէեան կը յայտնէ, թէ Պէրպէրեանի մէջ հրատարակած եմ ձեռագիր թերթ մը` Սիւգը, որուն ո՜տայր ինձ հիմա թարմ շունչը եւ կորսուած ամբողջ թիւերը49։ Եդուարդ Գոլանճեան` Պէրպէրեան վարժարանին մէջ կազմած է Պսակ եւ Դերասան ձեռագիր հանդէսները, որոնցմէ «վերջինը լի պատմական թատրերգութիւններով, որոնք արձակուրդների ժամանակ նա ներկայացնում է իր դասընկերների հետ այդ նպատակով սարքուած մի թատերաբեմի վրայ»50։ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ` 1892-1894 թթ., Պալասանեանի օժանդակութեամբ կը հրատարակուի Աստղ պատկերազարդ թերթը51։ ՀՍՍՀ ժողովրդական արտիստ Վարդան Միրզոյեան` իր յուշերուն մէջ կը գրէ, թէ Ներսիսեան դպրոցին մէջ կը գործէր աշակերտական «անլեգալ» խմբակ մը` որ կը հրատարակէր Աստղ առաւօտու անունով շաբաթաթերթը, զոր կը նկարազարդէր ինքը` Վ. Միրզոյեանը։ Շաբաթաթերթին թ. 3 համարը, 1892 թ. կը նուիրուի նոր մահացած Գրիգոր Արծրունիի յիշատակին։ Աշակերտական այդ միութիւնը կը ղեկավարէին` Սերգոյ Խանոյեանը, Յակոբ Աղաբաբը, Գրիգոր Սարեանը, Արշակ Ղազարեանը եւ Ալեքսանդր Աղաբաբեանը52։
Դիտակ Բիւզանդեան կիսամսեայ հանդէսը մէկն է այն բազմաթիւ թերթերէն, որոնք հրատարակուած են ու կը հրատարակուին Ռոպըրթ Գոլէճի զանազան կարգերու կողմէ, մասնաւոր խնամքով մը։ Իր կեանքը մէկ տարի միայն տեւած է` սկսելով 1893 Նոյ. 15-էն եւ տեւելով մինչեւ 1894-ի Մայիսը, ընդամէնը ինը թիւ։ Թերթին խմբագիրը` ինչպէս կ’երեւի «Նամակ կամ որեւէ գրութիւն ուղղել»-էն, Յ. Կ. Թիրեաքեանն է, ծաւալը Միութիւնի չափ, իսկ գիրը բաւական խնամուած է։ Յօդուածները մեծ մասամբ ժամանակին կարող գրիչներէն արտագրուած են. կը յիշատակենք «Պուրակայ աղջիկը», որ Ս. Քարբութլըեանի բանաստեղծական ոտանաւորներուն նախափորձերէն մէկն է, նաեւ Վահան Զարդարեանի «Անձնասպան»-ը, որուն մէջ հեղինակը զգայնիկ շեշտերով կը ներկայացնէ ամենատխուր պատկեր մը53։ Դիտակ Բիւզանդեանէ կը տեղեկանանք, թէ այդ ժամանակ ունեցած ենք երեք ուրիշ թերթեր ալ` Փարոս, Պաղպաղակ, որոնցմէ առաջինը կը հրատարակուէր ձեռամբ Շմաւոնեանի, երկրորդը` Դիտակի նման Ֆրեշմէն կարգին կողմէ, իսկ երկրորդը` որ խիստ կարճ տեւողութիւն ունեցած է, ժամանակին սըպֆրեշմէն կարգը լոյս կ’ընծայէր իբր զաւեշտական թերթ։ Եւ սակայն, միանգամայն հինգ թերթերու գոյութիւնը երբեք առաջադիմութեան
227
նշան չենք ենթադրեր, ընդհակառակը, կ’եզրակացնէ պատմագիրը, որ «հինէն նորէն բոլոր թերթերուն ամենակարեւոր եւ յիշատակելի մանրամասնութեանց պատմութիւնը» գրի առնել յանձն առած է54։ Վահան Մալէզեան կը պատմէ.
Կը յիշեմ քմծիծաղով որ (1897 թ.) Մերսինի բանտին մէջ Պետրոս Ուրֆալեանի հետ կը հրատարակէինք ձեռագիր Զնտանը, որ աւելի զաւեշտաթերթ մը մեր բանտի կեանքին շուրջ55։ 1898 թ. Թիֆլիսի մէջ բանուորներէ կը կազմուի առաջին մարքսիստական խմբակը` Ա. Կախոյեանի, Մ. Մելիքեանի, Հ. Փիլոսեանի եւ ուրիշներու մասնակցութեամբ, «որն իր ընդյատակեայ ձեռագիր Բանուոր թերթով եւ այլ ճանապարհներով մարքսիզմի տարածման գործում շօշափելի աշխատանք կատարեց»56։
[Պարտիզակի Բարձրագոյն Վարժարանը] վեց դասարան ունէր։ Առաջին երկուքը նախապատրաստական, իսկ վերջին չորսը` կանոնաւոր բարձր վարժարանի դասարաններ էին։ 1898-1899 շրջանին, երբ երիցագոյն` այսինքն աւարտական կարգին մէջ էի, Կրտսեր դասարաններու մէջ աչքի զարնող երեք ուսանողներ կային` Երուանդ Մեսիաեան, Վաղարշակ Քէօլէեան եւ Անդրանիկ Պետիկեան։ Այս երեքը` մանուկ հասակէն նկատելի յատկութիւններ ցոյց կու տային։ Անդրանիկ իր սրտի բարութեան եւ օրինակելի վարք ու բարքով, Երուանդ ու Վաղարշակ` իրենց գրական ու բանաստեղծական հակումներով, որոնց նախափորձերը կ’ընէին դպրոցին Կայծ ձեռագիր շաբաթաթերթին մէջ57։
[Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ,] 1989 Փետր. 16-ին կ’երեւի Հաւաքածոյ անունով տետրակի մը առաջին թիւը, որուն գրելը յանձն առնողն էր Լէօն Կամացուկեան, իսկ պատասխանատուն` Բ. կարգը հաւաքաբար, որուն կողմէ քննիչ կարգուած էինք Յովսէփ Կիւմիւշեան եւ ես։ Այդ շրջանին խմբագրականներ գրելը ինծի վիճակեցաւ եւ որոնք գրեթէ կը կազմեն ամբողջութեամբ դպրոցական քրոնիկներու շարք մը։ Խմբագրի պաշտօնս թողուցի Սիմոն Կօշկարեանի, որմէ անցաւ Զարդարեանի։ 1898-1899 տարեշրջանին` Գ. կարգ կ’ըլլանք եւ Հաւաքածոյ հրատարակելու համար կարգադրութիւն մը կ’ըլլայ։ Ողբացեալ Վահան Զիրէքեան կը ստանձնէ գրելը, բայց մէկ թիւ հանելէ յետոյ կը հիւանդանայ ու կը մեռնի։ Այս շրջանին կը հրատարակուէր նաեւ յանուն Ա. կարգին, Արմենակ Խելատուփեանի խմբագրապետութեամբ Լուսատուն` որուն աշխատակցած եմ կեղծ անուններով։ Նոյն շրջանին վերջը` Ծիծաղ անունով ծաղրաթերթ մըն ալ երեւաց Սիմոն Կօշկարեանի խմբագրապետութեամբ, իսկ յաջորդ տարեշրջանին, Արմենակ Խելատուփեանի ջանադրութեամբ, Բ. կարգին մէջ կը հրատարակուի Վարժարանը` ուր կը գրեմ գրեթէ կանոնաւորապէս, շատ անգամ պատիւը վայելելով խմբագրական տեսնելու գրութիւններս։ Բայց ասով հանդերձ
228
կ’աշխատակցէի դպրոցէն դուրս ձեռնարկուած նմանօրինակ գործի մը, որուն ամէնէն շատ գրողներէն մէկը եղայ։ 1899-ին` դպրոցական տարեշրջանին վերջը, ամէն բան կը լմննար, դպրոցը կը ձգէինք, իսկ միւս կողմէ անկարելի կ’ըլլար դպրոցէն դուրս կազմուածը շարունակել։ Նոյեմբեր 1-ին, Յակոբ Տէր Յակոբեան կը ձեռնարկէ Արօրի հրատարակութեան, փափաք յայտնելով` որ ստանձնեմ խմբագրութիւնը։ Այլեւս բուն տպագիր լրագրութեան մէջ յօդուածներ տուած ըլլալով, ձեռագրին ալ ոյժ տալ` իրաւ է թէ աւելորդ է, բայց մարդ շատ անգամ զգացումներ ունի, որոնց կը հպատակի առանց իր կամքին։ Արօրի խմբագրութիւնը անոնցմէ էր, իսկ Գեղօնի երեւումը` պարզապէս անձնական հաճոյք մը58։ 1899-1900 թթ., Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի Գ. դասարանի աշակերտութեան կողմէ` Սիմոն Մկրտչեանի խմբագրութեամբ կը հրատարակուի Ուսանող ձեռագիր ամսաթերթը. քսանչորս համար, սկիզբը փոքրածաւալ` 4-8 էջ, իսկ վերջին համարները կը հասնին 20-24 էջի։ Թերթին շուրջ խմբուած էին Արամ Սահակեան, Աշխարհբեկ Քալանթարեան, Յակոբ Ապրեսեան` որ իր գեղեցիկ ձեռագրով կ’օրինակէր. Թերթի էջերում գլխաւորապէս արծարծւում էր դպրոցական կեանքը, լոյս էին տեսնում ոտանաւորներ, յօգուածներ` Շամշադինի եւ այլ շրջանների գիւղացիների վիճակի մասին։ Թերթին Էջմիածնի Ճեմարանից մասնակցում էր Գուրգէն էդիլեանը, յօդուածներ էր գրում աշակերտական եւ դպրոցական կեանքից59։ Թիֆլիսի մէջ` 1900 թ., Ասատուր Կախոյեանի «ակտիւ մասնակցութեամբ լոյս է տեսնում Բանուոր ձեռագիր թերթը, որը հայ իրականութեան մէջ սոցիալիզմը բանուորական շարժման հետ միաւորելու ուղղութեամբ կատարուած առաջին կարեւոր քայլերից էր։ Թերթը Պրոլետարիատի արժանաւոր նախորդն էր»60։ 1900 թ., Կ. Պոլսոյ մէջ Արշակ Ալպօյաճեան կը խմբագրէ Գեղօն ժողովածուները` որոնց Ա. մասը բաղկացած է 386 էջէ, իսկ Բ. մասը` 478 էջէ։ Գեղօնները գրական եւ բանասիրական ճոխ ժողովածուներ են` կազմուած աշխատակցութեամբ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի, Պիմէն Գ. Զարդարեանի, Սիմոն Կօշկարեանի, Յովսէփ Կիւմիւշեանի, Վահան Թէքէեանի, Կարապետ Ոսկանի, Հրանտ Անդրէասեանի, Տիրան Չրաքեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Գեղամ Բարսեղեանի, Յակոբ Տէր Յակոբեանի, Վ. Գ. Զարդարեանի, Լեւոն Քիրիշճեանի, եւ ուրիշներու գեղարուեստական աջակցութեամբ61։ Գէորգեան Ճեմարանի Ա. լսարանի աշակերտները` 1901 թ. «գաղտնի կը հրատարակէին Նաւակ անունով մեծածաւալ ամսաթերթ մը»62։
Ծիածան աշակերտական թերթի ազդեցութեան տակ, 1901 թ. Ներսիսեան դպրոցում առաջ եկաւ որոշ խմորում եւ որպէս յաւելուած Ուսանողի, նոյն խմբագրութեամբ լոյս է
229
տեսնում Սլաք թերթը, որի գոյութիւնը տեւում է շատ կարճ, ընդամէնը չորս-հինգ համար։ Սլաքի էջերում լոյս են տեսնում նիւթեր սոցիալիզմի, բանուորական կեանքի մասին։ Թերթը խիստ անլեգալ էր պահւում, գրւում էր մէկ օրինակ, գաղտնի անցնում էր ձեռքից-ձեռք63։ 1902 թ., Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրանոցի աշակերտական թերթը կ’ըլլայ Լուսաբերը, որուն հրատարակութիւնը խստիւ կ’արգիլէ տեսուչ Գալուստ Կարպովիչ Չարիխեանը64։ Գաւառական գրականութեան առաջատար դէմքերէն` Թլկատինցին, իր աշակերտներէն Հրաչ Երուանդի կը վստահի Մրջիւններ աշակերտական ձեռագիր հանդէսին խմբագրութիւնը։ Պոլսահայ հրապարակագիրներէն` Վ. Ս. Ծովակ, Պէրպէրեան Վարժարանի Երէց կարգի հրատարակած Արտոյտ ձեռագիր ամսաթերթին մասին կը պատմէ. Կը յիշեմ օժտուած ընկերներ` հազիւ 16-18 տարու պատանիներ, որոնք իրենց առօրեայ պարտականութիւններէն դուրս, իրար կու գային խմբագրական գործերով զբաղելու համար։ Արտոյտ էր մեր թերթին անունը, ամսական մէկ թիւ հրապարակ կու գար ձեռագիր, շատ խնամուած ու գեղարուեստական բաժիններով։ Վարդան Սարգսեան (Կոմիտասեան սան) առաջնորդողներ կը գրէր ու կ’եղանակաւորէր ծանօթ քերթուածէ տուն մը65։ Յիշատակագիր մը կը վկայէ` թէ Կարելի չէ սեւ օրերու Պոլիսն ըմբռնել առանց այն կրթական օճախներուն, որոնք շնչեցին Համիտի դաժան լուծին տակ։ Այդ օճախներէն շարունակեց նոր սերունդ դուրս գալ։ Նման օճախներ կը հանդիսանային Պէրպէրեանը, զոյգ Մխիթարեանց վարժարանները, բայց բոլորէն աւելի Ղալաթիոյ Կեդրոնականը։ Յեղափոխական բջիջ մը եղած էր Կեդրոնականը, սկսեալ Մինաս Չերազի տեսչութեան օրերէն։ Անոր սաները թրծուեր էին հայրենասիրութեամբ, եւ այդ սաներէն շատեր զինուորագրուեր էին հայ յեղափոխութեան` անոր Պոլիս թափանցած օրէն։ Բաւական է յիշել անունները այն խիզախ տղոց` որոնք Կեդրոնականի գրասեղաններէն գացին յարիլ յեղափոխական կուսակցութիւններուն եւ հերոսացան անոնց ծոցին մէջ։ Յիշենք` օրինակ, Զէյթունի Աղասին, Վահէ Արզուեանը, բայց մանաւանդ Պետրոս Փարեանը (Բաբգէն Սիւնի), որ Օսմանեան Դրամատան դուռներուն առջեւ ինկեր էր 1896-ին։ Կեդրոնականը կու տար կեանքին միտքի ու արուեստի տեսիլքներով կախարդուած տղաք։ Ո՜րքան անոյշ աւանդութիւններ կը շնչէինք մենք այդ գրասեղաններուն վրայ, հպարտ այն անուններով` որոնք նոյնպէս անցեր էին այդ գրասեղաններէն։ Հպարտ էինք որ անոնց վրայ հակեր էին մեզ պէս` Արշակ Չօպանեաններն ու Հրաչեայ Աճառեանները66։ Ահա այդ «միտքի եւ արուեստի տեսիլքներով կախարդուած» տղոցմէ` Միսաք Մեծարենց Գ. դասարանին աշակերտած ատեն, երբ կ’աշխատակցէր գրական հանդէսներու, Քահ-քահ անուն երգիծաթերթ մը հրատարակել սկսաւ դպրոցին մէջ։
230
Խմբագիրն ինք էր, իր ծրագիրով կը պատրաստէր, եւ օրինակն լոյս կը տեսնէր։ Երգիծական նկարները կը գծէր Ռաֆայէլ Շիշմանեան, գլխաւոր աջակիցն էր Գառնիկ Թուղլաճեան, որ Սանասարեանէն եկած էր։ Երգիծաթերթը ամէն մարզի յատուկ նիւթեր կը պարունակէր։ Գլխաւոր աշխատակիցը ինքն էր Շաւասպ Ծիածան ծածկանունով եւ իր ստորագրութեամբ։ Հոն կ’երեւնային ոտանաւորներ եւ արձակ գրութիւններ։ Ամէն բանէ կը հասկնար եւ ամէն բանէ հաճոյք կը զգար։ Զաւեշտաթերթը ձեռքէ ձեռք կը շրջագայէր։ Մէկէ աւելի թիւեր խմբագրած ըլլալը կը յիշեմ67։ Ուրիշ դասընկերոջ մը` Վահրամ Պէրպէրեանի յուշերու գրառումներէն է հետեւեալ հատուածը.
Քահ-քահ երգիծաթերթը Մեծարենցի նախաձեռնութեամբ (միայն մէկ օրինակ)` ամիսը անգամ մը հրապարակ կ’ելլէր, Գ. դասարանին թերթն էր։ Աշխատակիցները` որոնք իր դասակիցներն էին (իրմէ զատ 12 աշակերտ), օր առաջ իրենց գրութիւնները կը յանձնէին Սիսաքի, որ կ’ընդօրինակէր, կը դասաւորէր ու լոյս կ’ընծայէր։ Ան հոն կը կիրարկէր տաղաչափական նոր դրութիւն մը, զոր սրբագրեց յետոյ իր քերթուածներուն մէջ68։ Այս թերթին մասին այլ տեղեկութիւն մըն ալ կը գտնենք.
[Դասակից տղոցմէ Կ. Քիւրքճեանի] լաւագոյն դասընկերը կ’ըլլայ Միսաք Մեծարենց, որուն հետ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ Քահ-քահ անունով զաւեշտաթերթ մը կը խմբագրէ69։ Դարձեալ Կեդրոնականէն, Պօղոս Գէորգեան կը պատմէ իր դասընկերոջ` Վահան Չերազի մասին. Օր մըն ալ նոր գաղափարով եկաւ դպրոց. – Տղաք, եկէք թերթ մը հրատարակենք։ Աւելորդ է ըսել` առաջինը եղայ խանդավառօրէն համամիտ գտնուող։ Վահան անմիջապէս շեշտեց որ թերթը խիստ համեստ յաւակնութիւններ պիտի ունենար, որուն յարմարագոյն անունն ալ ընտրած էր արդէն, Մանիշակ։ Առաջին թիւին խմբագրականովը թերթին նպատակը, ուղղութիւնը եւ յարակից ուրիշ բաներ բացատրեց։ Երկրորդ թիւին խմբագրականը ֆրանսերէն գրած էր. այդ թիւը վերջինը եղաւ։ Ընդհանուր հսկող Գառնիկ Բարունակեան կանչեց զինք եւ դիտել տալով որ թերթը վտանգաւոր բնոյթ առած էր թէ հրատարակողներուն եւ թէ մանաւանդ դպրոցին համար, զայն դադրած յայտարարեց70։ Մխիթարեան միաբաններէն` Հ. Մկրտիչ Պոտուքեան կը պատմէ, թէ 1904 թ., օր մը Դանիէլ Վարուժանին կ’առաջարկէ. Դանիէլ, եկուր դպրոցական ձեռագիր թերթ մը հրատարակենք։
231
- Ի՞նչ անունով, - հարցուց։ - Անունը դուն դիր։ - Թող Եղի ըլլայ, դեռ չհասունցած ցորեն կը նշանակէ։ Դանիէլ ամէն թիւի մէջ գեղեցիկ ստանաւոր մը կը ստորագրէր։ Այդ ոտանաւորները գրեթէ ամէնքն ալ Հացին երգը հատորին մէջ լոյս տեսան71։ Խարբերդի վիլայէթի Մեզրէ քաղաքին Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ եղած ժամանակ` 1907 թ., Վահան Թոթովենցը կը հրատարակէ Աստղիկ ձեռագիր ամսաթերթը, ուր լոյս կը տեսնեն իր ոտանաւորները72։ Այս մասին` իր ինքնակենսագրութեան մէջ բանաստեղծը կը գրէ. Ես վաղուց էի յափշտակուել բանաստեղծութեամբ, կարդում էի եւ գրում մեր դպրոցի ձեռագիր եւ խմորատիպ թերթերում ինքս էլ խմբագրել էի մէկ-երկու ձեռագիր ամսաթերթ73։ Թիֆլիսի Յովհանեան Վարժարանի աշակերտուհիները խմբագրած են Քայլք թերթը։ 1909-1910 թթ. Վանի մէջ կը խմբագրուին` հասարակական, գրական եւ քաղաքական Յորձանք կիսամսեան (28 էջ), նախ ձեռագիր ապա խմորատիպ, եւ Ե.Ք.Ը.-ի ամսաթերթը 22 էջով74։ 1910 թ., Կեսարիոյ մէջ կը խմբագրուի Շեփոր ձեռագիր պարբերաթերթը75։ Նոյն տարին Մուշի մէջ խմբագրուած է Տարօնը, որուն առաջին երկու համարները կը պահուին Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ76։ Պաթումաբնակ Սարուխան ընտանիքը տնտեսական պատճառներով Կ. Պոլիս հաստատուելէ ետք, Ալեքսանդր եւ Լեւոն եղբայրները` 1910-1912 թթ., հրապարակագրութեան հանդէպ ունեցած իրենց հակումը կը դրսեւորեն տունը խմբագրուած Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ երգիծաթերթով, որ շաբաթական երկու օրինակով կը հրատարակուէր, մէկը` անեցիներուն համար, իսկ միւսը` իրենց կնքահօր Յակոբ Գազանճեանին, որ թերթին հրատարակութեան մեկենասութիւնը ստանձնած էր` տարեկան թուղթին համար պահանջուած հինգ թրքական ղրուշը վճարելով։ Տարօրինակ կը թուի թերթին առաջին անունը։ Այդ շրջանին լոյս տեսնող Կիկօ երգիծաթերթին նմանողութեամբ` խմբագիր եղբայրները իրենց շաբաթաթերթը մկրտած են Ղուղիկօ մտացածին անունով։ Երգիծաթերթը բաղկացած է տպագիրի ձեւով յօրինուած ձեռագիր չորս էջէ, որոնք լեցուած են առաւելաբար Լեւոնի, եւ մասամբ նաեւ Ալեքսանդրի գրութիւններով։ Ալեքսանդրին վերապահուած էր քաղաքական երգիծանկարներուն պատրաստութիւնը։
232
Օր մըն ալ` մշտական սարսափի հետեւանքով, տարիներու իրենց վաստակը ամբողջութեամբ կրակի տուած են։ Բարեբախտ պատահար մը սակայն, իսպառ կորուստէ փրկած է Մանկական փունջին միակ համարը։ Անգամ մը` թերթին հերթական համարը հազիւ աւարտած, խմբագիրը դասարանին մէջ զայն աչքէ անցուցած պահուն` կը բռնագրաւուի Մխիթարեան Վարժարանի տեսուչ հօր կողմէ77։ Շաբաթաթերթին այդ միակ նմոյշը մաս կը կազմէ Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանի թերթերու հաւաքածոյին78։ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ` 1910 թ., Արտիկ եւ Համլիկ Թումանեան եղբայրներու խմբագրութեամբ կը հրատարակուէր Թոթովանք հանդէսը79։ 1911-1921 թթ., Վիեննայի Մխիթարեան Վարժարանի աշակերտները խմբագրած են Փունջ ամսաթերթը80։ 1912-1913 թթ., Ներսիսեան Դպրոցի աշակերտներուն կողմէ 6-7 համար կը հրատարակուի Առաջին քայլ հանդէս-ամսագիրը` Ռուբէն Ղազարեանի խմբագրութեամբ. կ’աշխատակցէին Արմենակ Թոքմաջեանը, Արտոյ Եղիազարեանը, Աւետիս Ղուրբանեանը, Գէորգ Քացախեանը, Ռուբէն Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ81։ 1913-1914 թթ., Աւետիս Ղուրբանեանի խմբագրութեամբ լոյս կը տեսնէ Փարոս պատկերազարդ ամսագիրը. նիւթերը մեծ մասամբ կը շօշափէին հասարակական եւ պատմական հարցեր եւ կը նկարազարդուէին մանրանկարչութեամբ82։ Նոյն տարիներուն, երեք համար լոյս տեսած է Շաբալակ երգիծաթերթը` Ծիծաղ Քրքիջեանի (Պահարէ, Հայկ Պետրոսեան) խմբագրութեամբ83։ Հօտաղական Միութիւնը 1913-1914 թթ., Գաւաշ-Վանի մէջ կը հրատարակէ համանուն հանդէս, Օ. Կարոյի խմբագրութեամբ84։ Սեբաստիոյ մէջ 1914 թ. կը խմբագրուի Ամանորը, որուն առաջին երկու համարները պահուած են Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանը85։ Ներսիսեան Դպրոցին մէջ լոյս տեսած են նաեւ աշակերտական այլ ձեռագիր թերթեր ալ. աշակերտները` առանձին կամ ընկերովի կը փորձէին ունենալ իրենց թերթը, որոնք սովորաբար, 1-2 թիւէ ետք կը դադրէին։ Անոնցմէ համեմատաբար ամէնէն յարատեւը կ’ըլլայ Ցաւոտ ծիծաղներ երգիծական թերթը 1913-1917 թթ.։ Թերթին հիմնադիրը եւ մշտական խմբագիրն էր Յարութիւն Յարութիւնեանը, որ յետագային բազմավաստակ թարգմանիչ մը եղաւ։ Աշխատակիցներուն մէջ յատկապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ Հեթում Բարլումեանը` իր երգիծական ոտանաւորներով եւ ֆելիետոններով։ Թերթը անվախ եւ համարձակ կը խարազանէր դպրոցական կեանքին մէջ տեղ գտած անհանդուրժելի երեւոյթները, ծաղր ու ծանակի կ’ենթարկէր դպրոցի դաժան ու սխոլաստիկ կարգ ու կանոնը, անարժան` կողմնապահ ուսուցիչները, անխնայ կը հարուածէ մեծախօս եւ մեծամիտ աշակերտները։ Ցաւոտ ծիծաղներու յօդուածները յաճախ կը զարդարուէին ծաղրանկարներով, որոնց հեղինակներն էին` Միքայէլ Մազմանեանը, Կարոյ Հալաբեանը,
233
Երուանդ Քոչարը, Համոյ Բաղդասարեանը։ 1917 թ. կը նշուի թերթին խմբագրին հնգամեայ յոբելեանը. Հաւլաբարի Արաքսեանի թատրոնին մէջ կը ներկայացուի Համլիկ Դմրոյեան թատրերկը եւ այդ առիթով կը կարդացուին շնորհաւորական հեռագրեր եւ ներբողներ86։ Ներսիսեանի աշակերտներէն` Գէորգ Աբովեան եւ Հայկ Պետրոսեան (Պահարէ), 1916 թ. կը խմբագրեն Տենչ ալմանախը87։ Դարձեալ երեք Ներսիսեանցիներու խմբագրութեամբ, 1916-1917 թթ. լոյս կը տեսնեն` Յարութիւն Թուրշեանի Աշակերտ ամսաթերթը, Վահրամ Կաքաւեանի (ֆրանսագիր հեղինակ Վիքթոր Կարտոն) Արագած ամսաթերթը եւ Մարտին Մազմանեանի Մասխարա ամսաթերթը88։ Խարբերդի Փերչէնճ գիւղացի Բենիամին Նուրիկեան կը պատմէ` թէ Ամիսն անգամ մը կը հրատարակէինք «Ինքնակրթաց» անունով տետրակ մը, որուն խմբագիրն էր այս գեղեցիկ տղան, իսկ գրաշարը – ըսել կ’ուզեմ գրաշարը - դասընկերներէս` Սէրայցի Ասատուր Մանուկեանն էր, որ ունէր մարգարիտի պէս մաքուր եւ գեղեցիկ գիր։ Աշխատակիցներէն կը յիշեմ Սարգիս Թաշճեանը եւ իր ազգականը` Յովսէփ Մկրտիչեանը։ Մեր թերթին նիւթերը խմբագրելու համար, ամառը մանաւանդ, խմբագիրն ու աշխատակիցները կը հաւաքուէին մեր տան առջեւ տարածուած գերեզմանոցը, կռնակի վրայ պառկած մէկ-երկու տապանաքարերու վրայ նստած։ Գրութիւնները սկսնակի գործեր անշուշտ – կը կարդացուէին, ի հարկին, կը սրբագրուէին, եւ խմբագրուելով կը յանձնուէին գրագիր Ասատուրին։ Եւ թերթերնիս լոյս կը տեսնէր քանի մը օրէն ու ձեռքէ ձեռք շրջան ընելէ ետքը կու գար հանգչիլ մեր տունը, գրքերուս եւ դպրոցական տետրակներուս քով։ Գիտեմ, հիմա պիտի հարցնէք թերթին բովանդակութեան մասին։ Պատասխանը – գիւղին կեանքէն կամ անձնական կեանքէ առնուած սկսնակի փորձեր – ոտանաւոր կամ արձակ – ինչպէս նաեւ տեղական լուրեր89։ Կարսի ռէալական դպրոցում սովորելիս, բարձր դասարանցիների ուժերով, լոյս էինք ընծայում Գարուն ձեռագիր հանդէսը։ Մեր դասարանից նիւթեր էինք տալիս ես ու Չարենցը, խմբագրում էր Գուրգէն Փորսուղեանը (Վանանդեցին)։ Ստորագրում էինք մեր անուն-ազգանուններով, կը պատմէ Աշոտ Փալանջեանը90։
1915-1916 թթ., Նոր Նախիջեւանի մէջ կը հրատարակուի Դասընկեր աշակերտական, գրական եւ գեղարուեստական շաբաթաթերթը, որուն հրատարակիչը կ’ըլլայ Վ. Սարաֆեան, իսկ խմբագիրը` Կ. Շահնազարեան։ Այս ձեռագիր շաբաթաթերթը` որ 16 էջէ բաղկացած է, յաջորդաբար լոյս տեսած է 25 համար91։ Ներսիսեան Դպրոցի աշակերտներէն Միքայէլ Մազմանեանի խմբագրութեամբ, 1916-1917 թթ., ընդամէնը երկու համար լոյս կը տեսնէ Երգ ու ներկ գեղարուեստական հանդէսը` ուր կան Յովհաննէս Ագուլեանի կողմէ ձայնագրուած ժողովրդական երեք երգեր, «որոնք լսել է նա Արեւմտեան Հայաստանից
234
գաղթած հայ երախաների որբանոցներում։ Ագուլեանը կորստից փրկել է այդ երգերը»92։ Հռոմի Մխիթարեան Վանատան ուսանողները կը հիմնեն «Թարգմանչաց Կաճառ» անունով միութիւն մը` իր տարեկան պարբերաթերթով, 1916-1921 թթ., նախ Աշտարակին կանթեղը, ապա Քնար ոսկեդարեան տիտղոսով93։ Յիշատակութեան արժանի է Ներսիսեան Դպրոցի Կայծ գրական, գեղարւեստական, գիտական, երգիծական ալմանախը, «որի խմբագիր-հրատարակիչներն էին Էդուարդ Խոջիկը, Գէորգ Քացախեանը, Գրիգոր Շահսուվարեանը. մասնակցել են նաեւ Աղասի Նալբանդեանը, Գէորգ Էլբակեանը, Գուրգէն Ոսկանեանը եւ ուրիշներ»94։ Ներսիսեան Դպրոցէն խումբ մը աշակերտներ Վահրամ Դարեան, Պետրոս Գասպարեան, Գրիգոր Պարոնիկեան, Գեղամ Աֆրիկեան, Սամուէլ Աբրահամեան, 1917 թ. կը հրատարակեն Ճաճանչ ամսագիրը, որուն առաջին էջը նկարազարդած է շնորհալի աշակերտ Գէորգ Քոչարը։ Ամսագրին մէջ լոյս տեսած են գլխաւորաբար բանաստեղծութիւններ եւ գրական-գեղարուեստական նիւթեր95։ 1918 թ., Պուլկարիոյ հայաշատ քաղաքի մը մէջ կը հրատարակուի Ապագայ թերթը, որուն մասին գտած ենք տարբեր տեղեկութիւններ։ Շանթի խմբագրութիւնը կը հաղորդէ. Կը լսենք թէ Պուլկարիայի մէջ քանի մը հայ մտաւորականներու կողմէ Ապագայ անուն տասնըհինգօրեայ թերթ մը կը հրատարակուի, ձեռագիր. երկու օրինակ միայն տպուելով ձեռքէ ձեռք կը կարդացուի։ Այդ հանդէսին կ’աշխատակցին Արամ Չարըք, Յակոբ Քիւֆէճեան, Տիգրան Չիթունի, Յ. Տէվէճեան, եւ Քուրդեան անուն երիտասարդ նկարիչ մը կը պատկերազարդէ զայն96։ Մեր միւս տեղեկութեան համաձայն, խմբագիրը Յարութիւն Քիւրտեանն է, որ իր մէկ զարմուհիին հետ (մօրաքրոջ դուստր) կը հրատարակէ ձեռագիր ամսաթերթ մը Ապագայ, ուր յօդուածներ կը ստորագրեն Յովհ. Տէվէճեան, Վահրամ Արծրունի, Յ. Պապիկեան, Սարգիսեան, Չիթունի, Արամ Չարըգ, Գոհարիկ Ազարեան97։ Հրանտ Բալուեան կը պատմէ. Կեդրոնական Վարժարանը հազիւ տասնեւչորս տարեկան աշակերտ` երբ ձեռնարկեցի Աստղիկ անունով ձեռագիր պարբերաթերթի մը հրատարակութեան։ Կ’երեւի պզտիկ տարիքէս նման ձեռնարկներու հանդէպ ունեցած գուրգուրանքս ուշադրութիւնն էր գրաւած կարգ մը ուսուցիչներուս (Եղիշէ Արք. Դուրեան, Հ. Արսէն Ղազիկեան, Գ. Գավաֆեան, Լ. Թաշճեան եւ ուրիշներ), որոնք կը քաջալերէին իմ առաջին գրական հակումներս։ Պատահմամբ օր մըն ալ յիշեալ ձեռագիր թերթս Թէոդիկը տեսաւ եւ նոյն օրն իսկ ինծի գրեց հետեւեալ նամակը. «Աստղիկը, թուղթէ Աստղիկը զոր ահա ձեռքերուս մէջ ունիմ, ապրեցուց
235
զիս` անուշ վայրկեաններ մը պատանութեանս տարիներէն, երբ Պէրպէեան դպրոցը դեռ եւս ուսանող` այսպէս տպագիրի ձեւով հանդէսի մը լոյս ընծայումին ձեռնամուխ եղայ, Բոյր անունով, Տիրան Չրաքեանէ եւ Գ. Սիրաքեանէ պատկերազարդուած եւ ապահոված աշխատակցութիւնն ինէ վերի կարգերու դպրոցակիցներուս։ Կանուխէն զգացած այս հակումներս ուր ուրեմն նետեցին զիս գրական ասպարէզ` որուն ապերախտութիւնը հանրածանօթ է մանաւանդ մեր ցեղին զաւակներուն։ Գրականութիւնը Հայուն համար պահած է դեռ... անօթութեան տարիներ։ Երնէ՜կ գրչի այն մշակին որ զայն ընելու փորձութիւնը կ’ունենայ` նիւթապէս ապահով պայմաններու մէջ։ Ահա ինչ որ տարուեցայ խորհիլ Հ. Բալուեանի կազմած ձեռագիր այս «պարբերագիր»ը թղթատած պահուս, որուն ջանք թափած էր` շնորհալի տարազով մը ցուցնելու համար զայն։ Գալով մէջի գեղարուեստական նկարներուն եւ զարդերուն, բոլորն ալ լաւ էին ընտրուած եւ վայելուչ, բովանդակութիւնը համապատասխան արտաքինին։ Այժմէն իսկ դեռատի «խմբագրապետ»-ը կը մատնէ մասնաւոր հոգածութիւն նման ձեռնարկներու հանդէպ։ Բերա, 9 Սեպտ. 191898։ Ներսիսեան Դպրոցին մէջ` 1919 թ., Տիրան Ղազանչեանը խմբագրած է Արտիստ գրական-գեղարուեստական պատկերազարդ թերթը99։ Գաղափարապաշտ եղբայրներու ձգտումներուն պտուղն է Հայ պատանին, որ յղացուած եւ իրագործուած է պատմական արհաւրալից շրջանի մը Պոլսոյ Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանին մէջ։ Հայ պատանի ամսաթերթին թիւ 1 (Նմոյշ թիւ)-ը` հրատարակուած է 1919 1-ին։ Շնորհիւ յարատեւ ճիգերու` թեքնիք աշխատանքը կատարուած է տպագրականին նմանողութեամբ, գծափակ էջերով, խորագիրներու համար գեղարւեստական այլաձեւ տառանմոյշներով եւ բոլոր գրութիւններուն համար` 10 կէտաչափ պարզ ձեռագրով։ Հանդէսին բոլոր յօդուածները անստորագիր ըլլալուն` դժուար է գուշակել խմբագիր եղբայրներուն համատեղ աշխատանքին սահմանները։ Սակայն, երէց եղբայրը կը ճշտէ իրողութիւնը.
Ամէնէն աւելի, – կը խոստովանի ան, – եղբօրս Լեւոնին միտքի արգասիքն է այս թերթը` իր բաժանումներով, ձեւաւորումով, նորավէպերով, բանաստեղծութեամբ։ Թերթը` իր ձեռքով եւ ձեռագրով մէջտեղ ելած է։ Նիւթերուն ընտրութիւնը` գիտական, մարզական, բոլորը իր կողմէ հաւաքուած, ամփոփուած, ձեւաւորուած են։ Ինծի վիճակուած էր խորհրդակցութիւն, թելադրութիւններ, կողքի եւ ներքին նկարազարդումները։ Իրն են նաեւ զարդանկարները։ Վերյիշելով խանդավառութեան օրերը, Հայ պատանիի խմբագրին խորհրդակից Ալ. Սարուխան կ’ամբողջացնէ այդ մասին իրմէ խնդրուած մանրամասնութիւնները.
236
Այս նմոյշ-մաքէթը մնաց նմոյշ-մաքէթի վիճակին մէջ եւ մեր երազները յօդս ցնդեցան, որովհետեւ Հայաստան չձեւաւորուեցաւ մեր ակնկալած ձեւով...։ Առանց նկատի առնելու հոլովական կամ ուղղագրական կարգ մը հինցած ձեւերը, նշելի պարագայ մըն է, որ հանդէսին մէջ ներկայացուած բոլոր գրութիւնները շարարադրուած են արեւմտեան յստակ հայերէնով, ինչ որ խմբագիր եղբայրներուն հայերէնագիտութեան մակարդակին ապացոյցը պէտք է նկատել100։ Հայաստանի որբանոցներէն մէկուն մէջ կը հրատարակուէր Աշակերտ անունով ձեռագիր թերթը, որուն կ’աշխատակցէին Գուրգէն Մահարիի եւ Խաչիկ Հայկազեանի պէս նորաբոյս գրողներ101։ Մէյնի Ռիչըր Համալսարանի տնօրէնութեան կողմէ Լրագրութեան Տոքթորա շնորհուած պահուն` համալսարանի նախագահը կ’ըսէ լրագրող Լեւոն Քէշիշեանին. Դուք Մամլոյ նուիրեալ մը եղած էք Ձեր հինգ տարեկանին, երբ առաջին անգամ լոյս ընծայեցիք մէկ օրինակով հրատարակութիւն մը, որուն միակ ընթերցողը Ձեր մեծ հայրն էր102։ Ճունիի որբանոցին մէջ 1922-1923 թթ. կը հրատարակուի Այգ ձեռագիր թերթը։ Այս մասին կը կարդանք. Տասնվեց որբանոցներու պատսպարած մեր ծնողազուրկ եւ հայրենազուրկ հայորդիներն էին, որոնք պիտի փորձէին լիբանանահայ մամուլին առաջին սերմերը ցանել103։ Գորֆուի Լորտ Մէյըրզ Ֆընտի որբանոց-վարժարանին մէջ` 1923-ին Պրիսմակ տիտղոսով դպրոցական պարբերական մը սկսեր էր հրատարակել Գեղամ Աթմաճեան, որուն ամէնէն խանդավառ աշխատակիցը եղեր էր Ղազար Հաճեանը...104։ Լառնաքայի Ամերիկեան Վարժարանի հայ ուսանողութիւնը իրենց ուսուցիչ Պ. Մանուէլ Քասունիի առաջնորդութեամբ եւ նախագահութեամբ, 1923-ին հիմնեցին Հայախօս միութիւնը, որուն նպատակն էր հայախօսութիւնը տարածել հայ պատանիներու միջեւ։ Այս նպատակով կոկիկ գրադարան մը կազմուեցաւ եւ ապա փափաք յայտնուեցաւ թերթ մը ունենալ։ 1925-ին Լուսարփի անունով ձեռագիր ամսաթերթ մը սկսան խմբագրել. թերթը մէկ օրինակ կը գրուէր ու ամսագլխին բոլոր անդամներ կը հաւաքուէին ու կը կարդային զայն։ Հետզհետէ եռանդը այնքան սաստկացաւ տղոց մէջ, որ Պ. Քասունի միջոցներ գտաւ եւ Գերմանիայէն փոքրիկ, տասը ոսկինոց ձեռնամամուլ մը բերել տուաւ, ու Վիեննայէն ալ քիչ մը տառեր եւ հետեւեալ տարին Լուսարփի լոյս տեսաւ տպագիր եւ տեւեց երեք տարի105։
237
1925-1926 թթ., Թաւրիզի Աշակերտական Միութեան ձեռագիր օրկանը կ’ըլլայ Կեանք կիսամսեան106։ Գահիրէի Պէրպէրեան Վարժարանի աշակերտները 1928-ին երկու համար հրատարակած են Վահագն ձեռագիր հանդէսը107։ Յովհաննէս Գույումճեանի խմբագրութեամբ եւ Ա. Տումանեանի ձեռագրով, 1930-ին լոյս կը տեսնէ Պէզազեան Սանուց Մատենադարանական Միութեան օրկանը` Արձագանգ108։ Հալէպի Ջանից Ընկերակցութիւնը 1930-ական թթ. կը հրատարակէ Լոյս ձեռագիր պարբերաթերթը109։ Հալէպի Զաւարեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը` 1944-1945 թթ., նախ ձեռագիր ապա խմորատիպ` 21 համար հրատարակած է Ծաղկեփունջ ամսաթերթը110։ Գալուստեան Ազգ. Վարժարանի մեր աշակերտներէն` Կորկիսեան եղբայրները հրատարակեցին Մշակ հանդէսը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ 29 Մայիս 1972-ին։ ***
Հիմնուելով մեզի ծանօթ տեղեկութիւններուն վրայ, կարելի է ըսել` թէ ԺԹ. դարու 40-ական թուականներէն սկսեալ, մշակութային-լուսաւորական շարժումին մէջ` հայ ձեռագիր պարբերական մամուլին կատարած դերը բնաւ անգոսնելի չէ. Արփիարեանի հաստատումով` օրագրութիւնը իրապէս եղաւ մարզարան մը եւ նախադուռ մը գրականութեան։ Հայ պարբերական մամուլի լրիւ ցուցակը` «նոյնիսկ տասնեակ տարիներով պրպտումներ կատարողներին չի յաջողւում», իրաւամբ կը խոստովանի մատենագիտութեան վաստակաւոր մը111։ Յետագային յայտնաբերուելիք նոր նիւթերով է` որ կարելի պիտի ըլլայ համալրել հայ ձեռագիր պարբերական մամուլի պատմութեան այս համառօտ ուրուագիծը։
Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 29 Ապրիլ 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19133 30 Ապրիլ 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19134 4 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19136 5 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19137 6 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19138 7 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19139 11 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19142 12 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19143 13 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19144
238
14 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19145 15 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19146 17 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19147 18 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19148 19 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19149 20 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19150 21 Մայիս 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19151 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ա. Բ. Կարինեան, Ակնարկներ հայ պարբերական մամուլի պատմութեան, հատոր 1, Երեւան, 1956, էջ 8, 7։ 2. Նոյն տեղը, էջ 8։ 3. Մ. Բաբլոյեան, «Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտական ցուցակների մի քանի հարցերի մասին», Բանբեր Երեւանի Համալսարանի, 1977, թիւ 2, էջ 263։ 4. Տիգրան Գէորգեան, «Արշակ Ալպօյաճեանի գիտական արխիւը համալրող նորայայտ նիւթեր, որոնք առժամաբար ի պահ կը մնան Մօ. Եդուարդ Յակոբեանի մօտ», Արեւ, օրաթերթ, 27 Յունիս 1977։ 5. Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն, հատոր առաջին, Երեւան, 1962, էջ 56։ 6. Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան, Գահիրէ, 1944, էջ 14, 19, 20, 28, 36-37։ 7. Հ. Գարեգին Զարբհանալեան, Պատմութիւն հայերէն դպրութեան. Բ. Նոր մատենագրութիւն, Բ. տպագր. յաւելուածովք, Վենետիկ, 1905, էջ 382։ 8. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, Ա. հատոր, Գահիրէ, 1937, էջ 1286։ 9. Արշակ Ալպօյաճեան, Յուշամատեան Կուտինահայերու, Պէյրութ, 1961, էջ 74։ 10. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, էջ 1286։ 11. Արշակ Ա. Ալպօյաճեան, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, Գահիրէ, 1940, էջ 2930։ Հ. Գրիգորիս Վ. Գալէմքեարեան, Պատմութիւն հայ լրագրութեան. ի սկզբանէ մինչեւ մեր ժամանակը, հատոր Ա., Ա. շրջան. ի սկզբանէ հայ լրագրութեան (1794) մինչեւ 1840։ Բ. շրջան. 1840-էն մինչեւ 1860։ Վիեննա, 1893, էջ 223. «Վիկտոր Լանկլուա, անշուշտ Փարիզ լրագրոյ խմբագիր Ա. Մուրատեանէ լսելով` կ’աւանդէ թէ 1848-ին ի Նիկոմիդիա Սուրհանդակ անուամբ ձեռագիր թերթ մը հրատարակուած է քիչ ժամանակ»։ 12. Արշակ Ա. Ալպօյաճեան, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, էջ 30։ Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա (1794-1900), առաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով, կազմեց Յովհ. Պետրոսեան, Երեւան, Հայկական ՍՍՌ Գրապալատ, 1956, էջ 136։ Այս մասին ճշտում կատարելով, պարբերական մամուլի պատմութեան գիտակ բանասէր մը կը գրէ` թէ այդ երկիջեան շաբաթաթերթը խմբագրուած է Պաղչեճիկի մէջ, 1847 թ., Յովհաննէս Սուրէն Մկրեանի կողմէ, եւ լոյս տեսած է 6 թիւի չափ. տե՛ս` Ներսէս Գասապեան, Պատմա-բանասիրական հանդէս, 1961, թիւ 3-4, էջ 309։ Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1794-1967), համահաւաք ցանկ, կազմեց` Ա. Կիրակոսեան,
239
խմբագրութիւն եւ առաջաբան` Հ. Կոստիկեանի եւ Հ. Սիլվանեանի, Երեւան, 1970, էջ 60։ Հ. Գրիգորիս Վ. Գալէմքեարեան, նշ. աշխ., էջ 223։ 13. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, էջ 1286։ Հ. Գրիգորիս Վ. Գալէմքեարեան, նշ. աշխ., էջ 223։ 14. Աւ. Ջանջուղազեան, «Ներսիսեան դպրոցի աշակերտական մամուլը», Նիւթեր Ներսիսեան դպրոցի պատմութիւնից, Երեւան, 1967, էջ 67։ 15. Գարեգին Երիցեան, Յուշեր Ստեփան Շահումեանի կեանքից, տե՛ս Խ. Հ. Բարսեղեան, Ստեփան Շահումեան. կեանքի եւ գործունէութեան վաւերագրական տարեգրութիւն, 1878-1918, առաջաբան` Ա. Ի. Միկոյեանի, Երեւան, 1968, էջ 25։ 16. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, էջ 1286։ 17. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, Լիակատար ցուցակ հայերէն լրագիրներու որոնք կը գտնուին Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ ի Վիեննա.1794-1921, Վիեննա, 1924, էջ 8։ 18. Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Կ. Պոլիս, 1921, էջ 188-189։ 19. Գրիգոր Պօղարեան, ««Կիլիկիոյ գիշերօթիկ վարժարան»-ը, Այնթապ (1873-1877)», Սփիւռք, շբթ., 10-6-1973, էջ 7։ Բիւրակնի մասին` Թորոս Ազատեան կը հաղորդէ հետեւեալը. «1876-1877 Միսաք Գօչունեան կարգ մը ուշիմ պատանիներու գործակցութեամբ հիմնադիր-խմբագիրը կ’ըլլայ Բիւրակն անուն խմորատիպ պարբերաթերթի մը, որ իբր ուսանողական օռկան տարի մը կը շարունակուի», Ժամանակ, Քառասնամեայ յիշատակարան, 1908-1948, էջ 51։ 20. Երուանդ Օտեան, «Գրական յիշատակներ, 1894-1914», Ոստան, Կ. Պոլիս, 1920, Գ. տարի, թիւ 11-13, էջ 470։ 21. Համբարձում Երամեան, Յուշարձան, հատոր Բ., Աղեքսանդրիա, 1929, էջ 123։ 22. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 67։ 23. Ոստան, թիւ 11-13, էջ 471։ 24. Հ. Եփրեմ Վ. Պօղոսեան, Ոսկեան եւ Մըսըրլեան գերդաստանները, Վիեննա, 1953, էջ 29, 54։ 25. Նոյն տեղը, էջ 54-55։ 26. Նոյն տեղը, էջ 29։ 27. Լոյս, 1906, թիւ 33։ Արտատպուած` Հայ Անթէպ, Թ. տարի, 1968, թիւ 4, էջ 17։ 28. Հր. Աճառեան, Կեանքիս յուշերից, Երեւան, 1967, էջ 108, 137։ 29. Թէոդիկ, Տիպ ու տառ, Կոստանդնուպօլիս, ՌՅԿԱ, էջ 32։ 30. Վէմ, Փարիզ, Ե. տարի, 1937, թիւ 3, Յուլիս-Հոկտեմբեր, էջ 13-16։ Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 454։ 31. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, նշ. աշխ., էջ 17։ 32. Յ. Պ. Պօղոսեան, Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-Տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, Քալիֆօրնիա, 1942, էջ 483-484։ 33. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, էջ 1286։ 34. Նոյն տեղը, էջ 1286-1287։ 35. Լեւոն Քիրիշճեան, «Հայ լրագրութեան պատմութիւնը ի Ռոպըրերթ Քոլէժ», Գեղօն, Բ. մաս, Կ. Պոլիս, 1990, էջ 281 (ձեռագիր)։ 36. Նոյն տեղը, էջ 282։ 37. Նոյն տեղը, էջ 282-283։
240
38. Նոյն տեղը, էջ 284-285։ 39. Նոյն տեղը, էջ 286։ 40. Նոյն տեղը, էջ 287։ 41. Նոյն տեղը, էջ 288։ 42. Նոյն տեղը, էջ 289։ 43. Նոյն տեղը, էջ 294։ 44. Նոյն տեղը, էջ 295։ 45. Վահան Զարդարեան, Յիշատակարան 1512-1940. տարեգիրք 1941 տարւոյ, Գահիրէ, 1940, էջ 44։ 46. Լեւոն Քիրիշճեան, նշ. աշխ., էջ 285։ 47. Արշակ Ա. Ալպօյաճեան, Անցեալի յիշատակներ. առ Պարոյր Բ. Քէչեան, 1900 Մայիս 3-16, Գում-Գաբու (ձեռագիր, 14 էջ), էջ 1-4։ 48. Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Կ. Պոլիս, 1911, էջ 279-280։ 49. Վահան Թէքէեան, «Ինքնակենսագրութիւն», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Կ. Պոլիս, 1912, էջ 388։ 50. Սուրէն Քոլանջեան, «Եդուարդ Գոլանճեան. գրող ծննդեան 100-ամեակի առթիւ», Նոր կեանք, շբթ., 19 Դեկտեմբեր 1980։ 51. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 68։ 52. Նոյն տեղը։ 53. Լեւոն Քիրիշճեան, նշ. աշխ., էջ 296-297։ 54. Նոյն տեղը, էջ 297։ 55. Վահան Մալէզեան, Ճամբուս ծայրը, Ա. հատոր, Բարիզ, 1954, էջ 228։ Վահան Զարդարեան յօդուածի մը մէջ կը յայտնէ` «որմէ օրինակ մը» ունենալը։ 56. Հենրի Գաբրիէլեան, Հայ փիլիսոփայական մտքի պատմութիւն, հատոր 4, Երեւան, 1965, էջ 30-31։ 57. Կ. Կիւլպէնկեան, «Յուշեր եւ նօթեր Երուանդ Մեսիաեանի յիշատակին», Պայքար, օրաթերթ, 10 Յուն. 1956։ 58. Արշակ Ա. Ալպօյաճեան, Անցեալի յիշատակներ, էջ 5-6։ 59. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 70։ 60. Նախապէս Բանուորը յիշատակեցինք 1898 թ. հրատարակուած թերթերուն շարքին, սակայն մեր ունեցած տուեալներով չկրցանք ճշտել երկու տարեթիւերէն ընդունելին։ Հ. Մելիքեան, «Ժողովուրդի զաւակը. Ասատուր Կախոյեանի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ», Սովետական Հայաստան, օրաթերթ, 20 Մարտ 1974։ 61. Տիգրան Գէորգեան, Նիւթեր հայ ձեռագիր պարբերական մամուլի պատմութեան համար. Գ., Ալպօյաճեանի Գեղօն ժողովածուները (Անտիպ)։ 62. Գաբրիէլ Լազեան, Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն, Գահիրէ, 1949, էջ 288։ 63. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 70։ 64. Խ. Ա. Փորքշէեան, «Նոր Նախիջեւանի հայ ժողովրդական բանահիւսութիւնը», Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ, 2, Երեւան, 1971, էջ 76։ 65. Սան, ամսագիր, Իսթանպուլ, թիւ 35-36, էջ 51. հմմտ. Քուլիս, թիւ 753, էջ 8։ 66. Յ. Ճ. Սիրունի, «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին», Նայիրի, շաբաթաթերթ,
241
Պէյրութ, 29 Սեպտեմբեր 1968, էջ 2։ 67. Ալբերտ Շարուրեան, «Մեծարենցեան երկու նորայայտ էջ», Հայրենիքի ձայն, շաբաթաթերթ, 30 Նոյեմբեր 1977։ 68. Նոյն տեղը։ 69. «Կենսագրական գծեր Յոբելեար Կ. Քիւրքճեանի (Տնօրէն Վիեննական Մխիթարեան լիսէի)», Ուսումնարան, տարեգիրք, Գահիրէ, 1962, էջ 149։ 70. Պ. Գէորգեան, «Վահան Չերազ», Յառաջ, օրաթերթ, 31 Մարտ 1979։ 71. Հ. Մկրտիչ Վ. Պոտուրեան, «Դանիէլ Վարուժան (Յուշեր)», Էջմիածին, Օգոստոս 1958։ 72. Ս. Մանուկեան, Վահան Թոթովենց, Երեւան, 1959, էջ 10։ Սեւակ Արզումանեան, Վահան Թոթովենց, Երեւան, 1961, էջ 11։ Մեր անուանի դասախօսները, առաջին մաս, Երեւան, 1970, էջ 92։ 73. Ս. Մանուկեան, նշ. աշխ., էջ 10։ 74. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 371, 260։ 75. Գ. Փափազեան, Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան 60-ամեայ մամուլը. 1890-1950, Թեհրան, 1950 (էջերը համարակալուած չեն)։ 76. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, նշ. աշխ., էջ 68։ 77. Տիգրան Գէորգեան, «Նիւթեր հայ ձեռագիր մամուլի պատմութեան համար. Բ., Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ շաբաթաթերթը», Արեւ, օրաթերթ, 10 Օգոստոս 1976։ 78. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, նշ. աշխ., էջ 50։ Յովհ. Պետրոսեան, նշ. աշխ., էջ 380։ 79. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 77։ 80. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, նշ. աշխ., էջ 72։ 81. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 77։ 82. Նոյն տեղը։ 83. Նոյն տեղը։ 84. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 375։ 85. Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, նշ. աշխ., էջ 5։ 86. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 76։ 87. Նոյն տեղը, էջ 77։ 88. Նոյն տեղը, էջ 78։ 89. Բենիամին Նուրիկեան, «Երբ պատանի էինք», Պայքար, օրաթերթ, 21 Յունուար 1975։ 90. Աշփալ (Աշոտ Փալանջեան), Գրքերի աշխարհ, 1975, թիւ 11 (87), էջ 8։ 91. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 256։ 92. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 78։ Խմբագրին դասընկերներէն Արտաշէս Վրոյր, այս հանդէսը նկատած է «ալմանախ» եւ «տարեգիրք». տե՛ս` Անիում, Երեւան, 1964, էջ 55, 56, 79-80։ 93. Հ. Ներսէս Տէր-Ներսէսեան, «Հ. Վահան Վրդ. Յովհաննէսեան», Բազմավէպ, 1979, թիւ 1-4, էջ 358-359։ 94. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 79։ 95. Նոյն տեղը։ 96. Շանթ, Կ. Պոլիս, 1918, թիւ 3, էջ 36։
242
97. Հ. Ներսէս Տէր-Ներսէսեան, «Բանասէր եւ հնագէտ Յարութիւն Քիւրտեան անդամ Ս. Ղազարի Հայկական Կաճառին», Բազմավէպ, 1975, թիւ 3-4, էջ 427։ 98. Զուարթնոց տարեգիրք, գրականութեան եւ արուեստներու, Ա. տարի, Փարիզ, 1937, էջ 13։ 99. Աւ. Ջանջուղազեան, նշ. աշխ., էջ 79։ 100. Տիգրան Գէորգեան, «Նիւթեր հայ ձեռագիր մամուլի պատմութեան համար. Ա. Պատանի խմբագիր եղբայրներ եւ Հայ պատանի հանդէսը», Արեւ, օրաթերթ, 11, 12 Օգոստոս 1975։ 101. Պ. Գէորգեան, «Վահան Չերազ», Յառաջ, օրաթերթ, 31 Մարտ 1979։ 102. «Լեւոն Քէշիշեանը լրագրութեան դոկտոր», Նոր սերունդ, Սեպտեմբեր 1976, էջ 2։ 103. Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, «Լիբանանահայ մամուլի յիսուն տարին, 19211971 թթ.», Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 1971, էջ 264։ 104. Մառի Աթմաճեան, «Քիչ մը խօսինք Ղազար Հաճեանի մասին», Պայքար տարեգիրք, 19-րդ հատոր, 1960, էջ 241։ 105. ԲԱԿ, Հայ-Կիպրոս, Անթիլիաս, 1936, էջ 117։ 106. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 316։ 107. Վահան Զարդարեան, «Հայ լրագրութիւնը Եգիպտոսի մէջ, 1865-1933», Յիշատակարան, Ա. հատոր, 1933, էջ 4։ 108. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 223։ 109. Պարգեւ Միսիրեան, «Հալեպահայ պարբերական մամուլի ցուցահանդէս», Ազդակ, օրաթերթ, 1 Յունիս 1978։ Լիւսի Ա. Սիւլահեան, «Ցուցահանդէս հալէպահայ պարբերական մամուլի», Հայ ընտանիք, Վենետիկ, 1978. թիւ 11-12, էջ 28։ 110. Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն, էջ 305։ 111. Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա, Երեւան, 1956, էջ Զ։
243
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՂԸ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԿԱՆ
ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ
Քաղեց, համադրեց եւ արեւմտահայերէնի վերածեց` ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Հայրենի գիտութեամբ կրթուած Ագաթանգեղոս պատմիչը` որ ականատես եղած է Տրդատ մեծ արքայի ժամանակ պատահած հոգեւոր գործերուն եւ լուսաւոր շնորհապատում վարդապետութեան, թագաւորական հրամանը ստանալէ ետք` կը հեծնէ միտքի երիվարը եւ կ’անցնի հանճարի ասպարէզը, հաստատօրէն կարգաւորելով իր ծրագիրը` կը դարձնէ խօսքերու պատմութեան անիւը, որպէսզի տիրաբար նաւարկէ ժամանակագրութեան ծովուն ալիքներուն վրայ։ Թէ ինչպէս կամ որու կողմէ քարոզուեցաւ Թորգոմեան ազգին ու Հայաստան աշխարհին մէջ Աւետարանի աստուածապարգեւ աւետիսները եւ կենաց խօսքը, կամ ո՞վ էր ան, որ այս նորոգատուր առաքելական շնորհները իր վրայ վերցնելով` երեւան եկաւ այնպիսի աստուածեղէն շնորհով. հետեւինք Տրդատի յաջող քարտուղար Ագաթանգեղոսի հրաշապատում պատմութեան, ըմբռնելու համար անոր լուսաւոր վարդապետութիւնը, հրեշտակակրօն` առաքինի վարք ու բարքը, ազնուական համբերութիւնը այն շնորհալի մեծազօր նահատակին` որ Քրիստոսի խոստովանողը եղաւ եւ ճշմարտութեան վկան։ Թէ ինչպէս ատկէ ետք, առաքելանման նահատակին աղօթքներով` շէնութիւն ու խաղաղութիւն, լիութիւն, պտղաբերութիւն ու բժշկութիւն շնորհեց Աստուած։ Թէ ինչպէս հայոց առաքեալին աստուածասիրութեան եւ Քրիստոսի պարգեւած զօրութեան շնորհիւ` ինկաւ, փշրուեցաւ ունայնութեան պաշտամունքը եւ աստուածապաշտութիւնը տարածուեցաւ մեր ամբողջ երկրին մէջ։ Կամ թէ ինչպէս եկեղեցիներ շինուեցան մեր Հայաստան աշխարհին մէջ եւ ջնջուեցան սնոտի պաշտամունքները` որոնք մեր նախնեաց սովորական մոլութեան հետեւանքով, ի զուր ընդունուած եւ մոլորեցուցիչ, կեղծ եւ փայտերու յիմարութիւններն էին։ Իսկ Քրիստոսի երանելի նահատակը եւ մեր հայրը սուրբ Գրիգոր` Քրիստոսի կամքով մեր ամբողջ Հայաստան աշխարհին արդարուսոյց քարոզեց, որպէսզի
244
չկապուին մեղքերու գարշապարին, այլ հասցնելով Աստուածահօր հողմախաղաղ անդորր նաւահանգիստը` անոնց համար այնտեղ մշտնջենական կեանքի օթեւաններ պատրաստեց։ Երիցս երանեալ, սուրբ, քաջ եւ անզանգիտող Նահատակը` Տէր Գրիգոր, բազմամբոխ աշխարհաժողովի մը առջեւ կը պատմէ իր տեսիլքը` ըսելով. - Արդ` եկէք եղբայրներ, ձեզի պատմեմ Արարիչին ձեր նկատմամբ սիրոյ ապացոյցը` որ ինծի երեւաց ահաւոր տեսիլքով։ Տեսայ Աստուծոյ իջնելը իր սուրբ նահատակներուն մօտ եւ անոնց անհամեմատ բարձրանալը, անպատում վերացումը երկինքի արքայութեան անզուգականութեան մէջ։ Ան ինծի յայտնեց գալիք կենսաբեր պարգեւը` որ պիտի շնորհուի ձեզի, եւ ինծի երեւաց աստուածակերպ սքանչելի անպատում տեսիլք մը, որ հանգամանօրէն կը պատմեմ։ Այս գիշերուան կէսին, երբ դուք աշխատութեան ծանրութենէն եւ տքնութենէն խոնջած քուն մտած էիք, ես դեռ արթուն էի եւ մտախոհ` աստուածային ողորմութեան անքնին հրաշքներու յանկարծակի կատարուելու, Անոր այցին եւ աստուածագէտ վարդապետութեան իմաստուն խրատներուն բովին մէջ ձեզ ներգրաւելու մասին։ Յանկարծակի սաստիկ ձայն եղաւ, որոտումի բոմբիւն, ահաւոր թնդիւն, ծովու խռովեալ ալիքներու սաստիկ ձայնին նման։ Բացուեցաւ երկինքի հաստատութեան խորանաշէն ծածկը, եւ իջաւ այր մը լոյսի կերպարանքով, կանչեց անունս եւ ըսաւ. «Գրիգոր»։ Նայեցայ, տեսայ Անոր կերպարանքը եւ զարհուրած` դողալով գետին ինկայ։ Ըսաւ ինծի. «Վեր նայէ՛ եւ տե՛ս հրաշքները` որոնք ցոյց պիտի տամ քեզի»։ Եւ ես` նայելով տեսայ երկինքի հաստատութիւնը բացուած, իսկ լոյսը` հոսելով մինչեւ երկիր կը հասնէր, եւ ես լոյսին մէջ տեսայ մարդկային կերպարանքով, լուսեղէն, երկթեւ անչափ զօրք` թեւերը կրակի նման։ Տեսայ մարդկային ահաւոր կերպարանք մը` բարձր ու ահեղ, որ ձեռքին մէջ ունէր ոսկեայ մեծ կռան մը, սլանալով, խոյանալով արագաթռիչ արծիւի նման, իջաւ հասաւ մինչեւ երկրին յատակը, քաղաքին մէջտեղը, զարկաւ լայնատարած գետնին եւ մեծ ու անչափ թնդիւններ հնչեցին անդունդներու սանդարամետէն։ Ես տեսայ քաղաքին մէջ` արքունի ապարանքին մօտ, ճախարակաձեւ ոսկիէ խարիսխ, վրան շատ բարձր հրեղէն սիւն, իսկ անոր վրան ամպէ խոյակ` լուսեղէն խաչով։ Նայեցայ եւ տեսայ ուրիշ երեք խարիսխներ` արիւնի գոյնով կարմիր, ամպեղէն սիւներով եւ լուսեղէն սիւնի խոյակին` որ անոնցմէ բարձր էր։ Յորս սիւներուն խաչերուն վրայ զարմանատես կամարներ իրարու կապուեցան եւ վրան
245
գմբեթաձեւ խորանազարդ ու աստուածակերտ, զարմանալի ամպեղէն շինուածք մը տեսայ։ Շինուածքի կատարին տեսայ զարմանալի, աստուածակերտ, սքանչելի հրեղէն աթոռ մը` որուն վրայ կար տէրունական խաչը։ Համատարած լոյսը անոր պարուրելով` խառնուեցաւ խաչի ճառագայթներուն եւ կպչելով միաձուլուեցաւ։ Շողացող լոյսը սիւն դառնալով` ցայտեց խարիսխներու ներքին սիւներուն մէջ։ Իսկ ես նայելով կը զարմանայի. այն այրը` որ իմ անունս կանչած էր, ինծի ըսաւ` թէ «Ով մարդ, ինչո՞ւ զարմացած ես եւ չես ըմբռներ Աստուածոյ մեծամեծ գործերը»։ Պատասխանեցի. «Ինչպէս, Տէր»։ Ըսաւ ինծի. «Այս տեսիլքը քեզի ցոյց տրուեցաւ, որպէսզի ըմբռնես։ Ահաւասիկ բացուած է երկինքը, գիտցիր` որ բացուած են Քրիստոսի մարդասիրութեան դռները իր արարածներուն համար։ Իմացիր, որոտումի հնչող ձայնը այն է, որ Աստուծոյ գթութեան ու ողորմութեան անձրեւը կ’իջնէ։ Այս սուրբ նահատակները` որոնք այստեղ նահատակուեցան, հիւսիսային կողմերը ճամբայ բացին, որովհետեւ իրենք ուրիշներու շաւիղները ուղղեցին։ Իսկ հրեղէն սիւնը` որուն խարիսխը ոսկի է եւ խոյակը ամպեղէն եւ վրան լուսեղէն խաչ, ապա այդ ոսկի խարիսխը հաստատութեան անշարժ վէմն է, հրեղէն սիւնը` կաթողիկէ եկեղեցին է, որ իր թեւերուն տակ կը հաւաքէ բոլոր ժողովուրդները` հաւատքի մէկ միութեան մէջ։ Անոր վրայի լուսաւոր խաչը` մեծ քահանայապետութիւնն է ժողովուրդներուն մէջ, օրինակն է Քրիստոսի մարմնացեալ պատկերին, Աստուածորդիին քահանայապետութեան օծութեան։ Այդտեղ թող Աստուծոյ տաճարը ըլլայ, բոլոր հաւատացեալներուն աղօթքի ու խնդրանքներուն տունը եւ քահանայապետութեան աթոռը։ ***
Երանելի Գրիգոր` թագաւորին եւ ամբողջ ժողովուրդին հետ մէկտեղ իսկոյն գնաց այնտեղ, ուր իրեն ցոյց տրուած էր հրեղէն սիւնը` ոսկեայ խարիսխի վրայ, տեղը շրջափակեց բարձր պարիսպով, դռներով ու փականքով ամրացուց եւ այնտեղ կանգնեց փրկչական խաչին նշանը, որպէսզի ամէն ոք որ այնտեղ հասնի, ամենազօր Արարչին երկրպագելով ծունկ դնէ։ Ապա նշանակուած տեղը` որ նախապէս իր կողմէ կնքուած էր, կանգնեց Քրիստոսի Եկեղեցին։ Այսպէս` քարոզութեամբ, լուսաւորելով ժողովուրդին սիրտն ու հոգին, Քրիստոսի խոստովանող Գրիգոր` աստուածային աղով աղեց, համեմեց, եւ ժողովուրդը լքելով սնոտի, ձեռագործ կուռքերուն ունայն պաշտամունքը` մարդասէր Աստուծոյ պաշտամունքին դարձաւ։ Այնուհետեւ, Հայաստանի մէջ սրտալիր ուրախութիւն էր եւ ինչ հաճելի
246
տեսարան աչքի համար։ Որովհետեւ երկիր մը` որ անունն անգամ չէր լսած այն կողմերուն, ուր աստուածային սքանչելի բոլոր գործերը կատարուեցան, շատ շուտով իմացաւ եղած բաները, այլ եւ յաւիտենապէս նախասահմանուածները, յետոյ եկածները, սկիզբն ու վերջը եւ բոլոր աստուածատուր աւանդութիւնները։
«ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ ԳՐԻՉ»-Ը
ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Ե. դարուն, երբ առաջին անգամ երջանկացաւ հայը գրականութեան բարիքով, երբ կարդաց Եկեղեցւոյ Սուրբերու եւ անյաղթ նահատակներու վկայաբանութիւնները, ցանկացաւ ունենալ նաեւ իր Լուսաւորիչին` Գրիգոր Վարքը։ Գոհացնելու համար ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը, յօրինուեցաւ` նախ, Գրիգորի Խոստովանութիւնը եւ ապա` Գրիգորիսի գիրքը, ծանօթ Ագաթանգեղոս անունով։ Ագաթանգեղոս անունով ներկայացող հեղինակը` կամ յոյն, կամ հռոմայեցի կը նկատուի. այդ բառը` իր կրկին նշանակութիւններով, շատ յարմար էր պատմութեան բովանդակութեան, կազմուած` յունարէն, «բարի» եւ «լրաբեր, տեղեկատու, աւետաւոր, դեսպան, հրեշտակ» բառերէն, որ նաեւ «բարի, աւետիք» իմաստն ալ ունի։ Սակայն, աւանդութեան համաձայն, Ագաթանգեղոս Դ. դարու մատենագիր է, եղած է քարտուղարը Տրդատ թագաւորին` որուն հրամանով ալ գրի առած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական դէպքերը, սկսելով Խոսրով Մեծի օրերէն, հայոց` ազգովին քրիստոնէութեան դարձի պատմութիւնը, Տրդատի օրով եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռքով։ Ղազար Փարպեցի եւ Սեբէոս պատմիչները` այս երկը կոչած են Գրիգորիսի գիրք, Գրիգոր Լուսաւորիչի գործունէութիւնը նկարագրելուն պատճառով։ Յետագային կոչուած է Հայոց պատմութիւն, որ աղբիւրագիտական բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ։ Պատմութիւնը մեզի հասած է բազմալեզու խմբագրութիւններով եւ տարբերակներով` միջնադարէն սկսելով. այսպէս, Ագաթանգեղոսի Հայոց պատմութեան բազմաթիւ օրինակներ կան` յունարէն, ասորերէն, արաբերէն, եթովպերէն, վրացերէն, սլաւերէն, լատիներէն, շուէտերէն, իտալերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Մեծ Սուրբին «համաշխարհայնական» համբաւը տարածուած ըլլալուն, իր վարքը եւ տօնը յիշուած են ասորիներու, յոյներու, լատիններու եւ ղպտիներու Յայսմաւուրքին եւ Տօնացոյցին մէջ։ Ժամանակակից ագաթանգեղոսագիտութիւնը հասած է այն եզրակացու-
247
թեան, թէ Ագաթանգեղոս իրական անձ չէ եղած, եւ թէ իր անունով հասած երկը` Ե. դարու խմբագրութիւն է։ Հայերու քրիստոնէութեան դարձի 1700-ամեակի կապակցութեամբ, Տեղեկատուի յարգելի ընթերցողներու ուշադրութեան կ’ուզենք ներկայացնել Աստուծոյ երանելի այրին` Մեծն Գրիգորիսի վարքին քանի մը դրուագները, քաղուած, համադրուած եւ արեւմտեան հայերէնի վերածուած Ագաթանգեղոսի Հայոց պատմութեան հատորէն։
Տեղեկատու, Գահիրէ, Յուլիս 1999, նոր շրջան, թիւ 12, էջ 9-10
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ Ագաթանգեղոս, Պատմություն հայոց, աշխարհաբար թարգմանություն ներածությունով ու ծանօթագրություններով Արամ Տեր Ղևոնդյանի, Երևան, 1977, էջ 29, 30, 106, 107, 108, 109, 110, 118, 119, 139։
Հ. Ղ. Ալիշան, Արշալոյս քրիստոնէութեան հայոց, Վենետիկ, ի Սուրբ Ղազար, 1901, էջ 231։ Հ. Ն. Ակինեան, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ 219-249 (մահուան 1700 ամեակի առիթով», Հանդէս ամսօրեայ, 1949, թիւ 4-12, էջ 3, 10, 11։
Հ. Ս. Անասյան, Հայկական մատենագիտություն, Ե-ԺԸ դդ, հատոր Ա., ԱԱռաքել Սալաձորեցի, Երևան, Հայկական ՍՍՌ ԳԱ Հրատարակչություն, 1959, ս. 151-152։
Աշոտ Մկրտչյան, Հինգերորդ դարի հայ դպրություն, Երևան, Հայաստան Հրատարակչություն, 1968, «Դրվագ երրորդ. Ագաթանգեղոս պատմիչ և գրող», էջ 175-238։
Հայ գրական քննադատության քրեստոմատիա, կազմեց և ծանոթագրեց` բանաս. գիտ. թեկն. դոց. Ժ. Ա. Քալանթարյան, խմբագրումը և առաջաբանը պրոֆ. Հ. Ս. Թամրազյանի, Երևան, Երևանի Համալսարանի Հրատարակչություն, 1981, էջ 507։
Հայոց հին և միջնադարյան արձակի քրեստոմատիա, կազմեցին Վարագ Ներսիսյանը և Արշակ Մադոյանը, Երևան, Երևանի Համալսարանի Հրատարակչություն, 1981, էջ 608։
248
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԱՆՑԵԱԼԸ ԵՒ ՆԵՐԿԱՆ
ԻՐ ԲՈԼՈՐ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՎ ԵՒ ԿԱՐԿԱՌՈՒՆ ԴԷՄՔԵՐՈՎ ՄՈՒՏՔ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատացեալները ցրուած են աշխարհի չորս կողմերը եւ կազմած են հետեւեալ թեմերը1 եւ առաքելավայրերը. Լիբանանի, Պոլսոյ, Հալէպի, Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս եւ Սուտան), Պաղտատի, Բարձր Ճեզիրէի, Սպահանի, Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի, Արժանթինի, Պրազիլիոյ եւ Ուրուկուայի, Հայաստանի (Վրաստան, Ուքրաինա եւ Ռուսաստան), Դամասկոսի, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի, Յունաստանի, Ռումանիոյ, Լեհաստանի, Հռոմի։
Ա. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԹԵՄԻՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՔԱՅԼԵՐԸ Այս բոլոր թեմերէն, Եգիպտոս`
Իր կաթողիկէ հայերը ունէր, երբ ասոնք մասնաւոր պաշտօնական աղօթատեղի մը չունէին տակաւին, լատին կրօնաւորներու միջոցով կը մատակարարուէին2։ Դիւանական տուեալներու համաձայն, 1730 թ., Կղեմէս ԺԲ. Պապը յորդորած է Հալէպի առաջնորդ Աբրահամ Եպս. Արծիւեանը` որ Եգիպտոսի կաթողիկէ հայերու հոգեւոր կարիքներով ալ զբաղի։ 1734 թ., Հալէպի կաթողիկէ հայերը միաձայնութեամբ կ’որոշեն իրենց յատուկ կաթողիկոս մը ունենալ եւ առանձին հասարակութիւն կազմել. կղեր եւ ժողովուրդ` խորհրդակցաբար, կաթողիկոս կ’ընտրեն Աբրահամ Եպս.ը, որ այդ ժամանակ Լիբանանի Քրէյմի վանքը կը գտնուէր։ Անմիջապէս ետք, Հալէպի Եպիսկոպոսական Փոխանորդ Նիկողայոս Վրդ.ը
249
Գահիրէ կու գայ, որպէսզի Եգիպտոսի կաթողիկէ հայերն ալ հաճութիւն եւ հաւանութիւն տան կաթողիկոսին ընտրութեան համար։ Գահիրէ հասնելուն` 29 Հոկտեմբեր 1734-ին, Նիկողայոս Վրդ.ը ժողով կը գումարէ Հաւատոյ Սուրբ Ժողովին կողմէ Եգիպտոսի Առաքելութիւններու Վերակացուին` Հ. Իլտեֆոնսոյ տի Փալերմոյի նախագահութեամբ եւ 31 ազգային երեւելիներու մասնակցութեամբ։ Իր կարգին, Հաւատոյ Սուրբ Ժողովին կողմէ Եգիպտոսի Առաքելութիւններու Վերակացուն կը վկայէ` թէ Գահիրէի կաթողիկէ հայերուն ամէնէն ազնիւ անդամները, որոնց անուններն ու կնիքներն հոս դրուած են, ընտրեցին իրենց ազգին Պատրիարք, Հալէպի Աբրահամ Արքեպիսկոպոսը, եւ իրենց ընտրութեան թուղթը յանձնեցին Հ. Նիկողայոս Վրդ.ին3։ Այդ ժամանակները, Եգիպտոս բնակող կաթողիկէ հայերը բաղկացած են շուրջ քառասուն ընտանիքէ, կազմած են ուրոյն հասարակութիւն մը` իրենց առանձին քահանայով, իրենց հոգեւոր պահանջներուն համար։ Յիշեալ քահանաներէն մէկն է` Հռոմի Ուրբանեան դպրոցի աշակերտներէն, կիպրացի Յակոբ Վրդ.ը, որ 1736թ. առաջ գտնուած է Գահիրէ, եւ յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրեալ առանձնական մատուռի մը մէջ` աստուածային պաշտամունք կատարած է։ Նոյնպէս` 1737թ., Գրիգոր անունով ուրիշ վարդապետ մըն ալ յիշուած է Մկրտութեան եւ Պսակի տոմարներուն մէջ։ Եգիպտոսի կաթողիկէ հայերը առաջնորդելու համար, Աբրահամ-Պետրոս Ա. 1743-ին ղրկած է Յովսէփ Վրդ.ը, 1744-ին` Մատթէոս Վրդ.ը, 1745-ին` Գէորգ Վրդ. Միքմէլճեանը, 1746-ին` Գաբրիէլ Վրդ.ը, 1749-ին` Գէորգ Վրդ.ը, եւ Քրէյմի վանքին կառուցումին հանգանակութիւն կատարելու համար` Յովսէփ Եպս.ը։ Այսպէս շարունակուած է Արծիւեանի յաջորդներուն կողմէ ալ. ԲարսեղՊետրոս Դ., 14 Օգոստոս 1733 թուակրով հովուական թուղթ մը ղրկած է Եգիպտոսի հաւատացեալներուն։ Գրիգոր-Պետրոս Ե. ալ առաքելական հովիւներ ղրկած է, որոնցմէ մէկն է Ճոհարճի Վրդ. Ադամեանը։ Գրիգոր-Պետրոս Զ. Գահիրէ կը ղրկէ Յովհաննէս Վրդ. Թօփուզեանը։ 1801թ., Նափոլէոն Պոնափարթի գրաւեալ ֆրանսական բանակին 40,000 զօրքի մեկնումէն ետք, Գահիրէի կառավարիչը` Նասիֆ փաշա, ֆրանսացիներէն վրէժ լուծելու նպատակով` իր զինուորներուն կը հրահանգէ անխնայ ջարդել քաղաքին մէջ գտնուած բոլոր քրիստոնեաները. հրամանը կը կատարուի բացառիկ խստութեամբ։ Այս աղէտալի սրածայրութենէն մազապուրծ ազատած հայ կաթողիկէ ժողովուրդը` բնակութիւն կը հաստատէ Հին Գահիրէ, որ ընդհանուր կոտորածներէն զերծ մնացած շրջան մըն էր. անոնց ապաստանարանը կ’ըլլայ` իր անմատչելի դիրքերով եւ անառիկ ամրութեամբ, յոյներուն Ս. Գէորգ վանքը։ Երկրին խառնակ եւ շփոթ վիճակը կը պարզուի` երբ կառավարութեան ղեկը
250
ձեռք կ’առնէ ալպանացի Մոհամմէտ Ալի փաշա, եւ 1811 թ. մամլուքներու բնաջնջումով, կը վերահաստատէ խաղաղութիւնը երկրին մէջ, միաժամանակ կը ձեռնարկէ ժողովուրդը խաղաղ պահելու գործին։ 1820 թ. սկսեալ, հայ կաթողիկէ կաթողիկոսները` քաղաքական այս բարւոքումէն քաջալերուած, Լիբանանէն Եգիպտոս կը ղրկեն անձնուէր քահանաներ` որոնք ժողովուրդին հաստատուն կացութիւն տալու մտահոգութեամբ, հետամուտ կ’ըլլան Հին Գահիրէի մէջ գնելու յարմար հողամաս մը` վրան եկեղեցի կառուցելու ջանադրութեամբ։
Բ. ՀԻՆ ԳԱՀԻՐԷԻ ՏԻՐԱՄՕՐ Ս. ԿՈՒՍԻՆ ՄԱՏՈՒՌԸ
Այս աստուածահաճոյ նպատակին համար ոգեւին կ’աշխատին Սերովբէ Այվազեան եւ Պետրոս Ահարոնեան վարդապետները, որոնք Սանաճըգ հողամասերը գնելով` կը ցանկապատեն քարաշէն որմով, եւ յանուն Տիրամօր Ս. Կուսին կը կանգնեն մատուռ մը` ուր տեղի կ’ունենան աստուածային պաշտամունքները։ Ճարտարապետական հայեացքով` այս գողտրիկ մատուռը, 11,50 մ. երկայնքով, 7,50 մ. լայնքով եւ 12 մ. բարձրութեամբ, նմանութիւններ ունի Անիի Կուսանաց վանքին եւ Դեկորի տաճարին հետ։
Ú³ñáõó»³É øñÇëïáëÇ Ø³ïáõéÁ
251
ÚÇß³ï³Ï³ñ³ÝÝ»ñ 1921 թ., այս մատուռը վերակառուցուած է Արթին Պէյ Չրաքեանի դուստր` Կատարինէ Աննայի սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, եւ այս առիթով` նուիրուած է Յարուցեալ Քրիստոսի։ Նախկին մատուռին ետեւի մասը կը կառուցուի երկյարկանի շէնք մը` որուն մէկ յարկը վարձքով կու տան` հասոյթի համար, միւսն ալ կը տրամադրեն քահանաներու բնակութեան։ Իսկ մատուռին յառաջամասը եւ երկու կողմերը կը թաղուին ննջեցեալները, որ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի։
Գ. ՏԱՐՊ ԷԼ ԿԻՆԵՆԱՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Մոհամմէտ Ալի փաշայի օրով, Եգիպտոսի մէջ համատարած աշխարհաշինութեան շրջանին` բոլոր քրիստոնեաներուն ազատութիւն շնորհուած էր եկեղեցիներ կառուցելու եւ ուսումնարաններ հաստատելու։ Այդ կերպով, կաթողիկէ հայերն ալ կը փափաքին մայրաքաղաքին Տարպ Էլ Կինենա թաղին մէջ աղօթատեղի մը կառուցանել։ 1837-1838 թթ. Պետրոս Վրդ. Ահարոնեան` 25312 ղրուշ վճարելով, տէր կը դառնայ իրարու կից երեք բաժին հողամասի, եւ մասնաւոր արտօնագրով կը ձեռնարկէ եկեղեցիի շինութեան։ 20 մ. երկարութեամբ, 10 մ. լայնութեամբ եւ 18 մ. բարձրութեամբ եկեղեցին կը նուիրուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան։ Նորակերտ խորանին վրայ առաջին պատարագը չմատուցած` ժանտախտէն վարակուած, Պետրոս Վրդ. կը վախճանի 1841 Ապրիլ 3-ին։ Այն ատեն, եկեղեցին օծելու կը հրաւիրուի Հալէպի եպիսկոպոս Սերովբէ Այվազեանը` որ նախապէս արդիւնաւէտ գործունէութիւն ունեցած էր Գահիրէի մէջ։
252
Նորակերտ եկեղեցիին օծումը կը կատարուի Ամենայն Սրբոց տօնին օրը` 1841 Նոյեմբեր 1-ին, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Աւստրիոյ հիւպատոսներուն, կաթողիկէ յարանուանութիւններու բազմամբոխ եկեղեցականներու եւ ժողովուրդի ներկայութեան։ «Օսմանեան ոճի նորաձեւութեամբ4» կառուցուած այս եկեղեցին, երկար տարիներ` որպէս աղօթատեղի անգործածելի մնալէ ետք, 1975 թ. վերջնականապէս ծախուած է։
Դ. ՇՈՒՊՐԱ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ԱՂՕԹԱՏԵՂԻՆ
Շուպրա թաղամասի հայ կաթողիկէ ընտանիքներուն համար, 1886 Նոյեմբեր 21-ին, Սուրբ Աստուածածնի Ընծայման տօնին` Արհի. Տ. Բառնաբաս Եպս. Ագշէհիրլեան կ’օծէ մատուռ մը, ուր անխափան, Կիրակի եւ տօն օրերուն սուրբ պատարագ կը մատուցուի շուրջ երկու տարի, ապա կը փակուի ազգայիններուն արաբախօս ըլլալուն պատճառով. անոնք կը նախընտրեն մելքիթներուն եւ մարոնիներուն եկեղեցիները յաճախել։
Ե. ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏԱՀԷՐԻ ՄԱՏՈՒՌԸ
Արհի. Տ. Յովնան Եպս. Գուզեանի առաջնորդութեան ժամանակ, Տահէր թաղամասի` Տահէր փողոցին վրայ, թիւ 66 շէնքին մէջ յարկաբաժին մը վարձուած է, եւ սենեակներէն մէկը` Աստուածամօր նուիրուած մատուռ յարդարած են 15 Հոկտեմբեր 1917-ին։ Իսկ մնացեալ սենեակները գործածուած են քահանաներուն բնակութեան համար, մինչեւ 20 Ապրիլ 1926։
Զ. ԱՒԵՏՈՒՄՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Մայրաքաղաքին կեդրոնական թաղամասերէն մէկուն մէջ, 1926 Մայիս 9-ին, Արհի. Տ. Յովհան Եպս. Գուզեանի նախաձեռնութեամբ, ասպետ Կարապետ պէյ Մաթոսեանի բարերարութեամբ, եւ Կարօ Պալեանի ճարտարապետութեամբ կը բարձրանայ Ս. Աստուածածնի Աւետումին նուիրուած` «Հայկական դասական
253
եկեղեցիի համաչափութիւններու վրայ հիմնուած» գեղակերտ տաճարը, 25 մ. երկարութեամբ, 12 մ. լայնութեամբ եւ 18 մ. բարձրութեամբ։
î³×³ñ Û³ÝáõÝ ²õ»ïÙ³Ý êñµáÛ ÎáõëÇÝ Ø³ñdzÙáõ
254
êáõñµ ÎáõëÇÝ ²õ»ïáõÙÇÝ ÝáõÇñáõ³Í ²õ³· Êáñ³ÝÁ Եկեղեցւոյ մուտքի շատ նուրբ Յիսուսի խճանկարէն զատ, գմբեթին ստորեւ, կեդրոնական չորս սիւներու վերեւ` կան չորս Աւետարանիչներուն մանրակերտ խճանկարները։ Արհի. Տ. Յակոբ Արք. Նեսիմեանի առաջնորդութեան շրջանին, 1944 թ., Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի հովուական առաջին այցելութեան առիթով կառուցուած է վերնատունը` Կարօ Պալեանի ճարտարապետութեամբ եւ Յովսէփ Մաթոսեանի նուիրատուութեամբ։
ê© ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇ㠻ϻջóÇÇÝ ßÇÝáõû³Ý ÛÇß³ï³Ï³ñ³ÝÁ Եկեղեցիէն դէպի Պատրիարքարան մուտքի սեմին վերեւ ագուցուած է «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցիէն մնացած, ոսկեզօծուած տառերով շինութեան յիշատակարանը։
255
Է. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ
Եկեղեցիին շարունակութիւնը կը կազմէ Պատրիարքարանը` որուն առաջին յարկը կը գտնուի ընդունելութիւններու դահլիճը. այս դահլիճին աջակողմեան պատին վրայ` ոսկեզօծ շրջանակներու մէջ կան Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան գահակալները։ Նոյն յարկին վրայ են քարտուղարին սենեակը, վիճակաւոր եպիսկոպոսին եւ ժողովրդապետին աշխատասենեակները, ճաշասենեակը։
ä³ïñdzñù³ñ³ÝÁ Վերի յարկը` եպիսկոպոսին եւ վարդապետներուն ննջասենեակները, եւ Պատրիարքարանի Դիւանը։ Երրորդ յարկը` Պատրիարքարանին Գրադարանը, եւ հիւր եկեղեցականներու յատկացուող սենեակներ։ Իսկ գետնափոր յարկը կը պարունակէ մառանը, խոհանոցը եւ ժողովասրահ մը։
Ը. ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ՎՐԱՆԱԾԱԾԿ ՍՐԱՀԸ
Արդի ժամանակներուն` անհրաժեշտութիւն կը նկատուի եկեղեցիի մը շուրջ կամ կից, հաւատացեալներուն համար հաւաքատեղի մը ունենալը։ Այս առաջա-
256
դրութեամբ, օրինական երկարատեւ հետապնդումներէ ետք, Պատրիարքարանի յառաջամասի բակին մէջ, 1998 Մայիսին բացումը կատարուած է Ժողովրդապետական Սրահին։ 104 քառ. մ. տարածութիւն գրաւող սրահը` կէս քարաշէն է, ձողերու վրայ ամրացուած` վրանածածկ։ Արդիական կահաւորումով եւ ներքին յարմարութիւններով օժտուած սրահը բաց է Հինգշաբթի, Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը` ընտանեկան եւ ընկերային հաւաքոյթներու համար։
ÄáÕáíñ¹³å»ï³Ï³Ý íñ³Ý³Í³ÍÏ ëñ³ÑÁ »õ Ý»ñùݳٳëÁ
Թ. ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ Ս. ԹԵՐԵԶԱ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅ ՀԱՄԱԼԻՐԸ
Հելիոպոլսոյ նորակերտ արուարձանին եւ շրջակայ շրջաններուն հայերուն հոգեւոր մխիթարութեան համար` Արհի. Տ. Յովհան Եպս. Գուզեան Հելիոպոլսոյ Ընկերութենէն կը գնէ 1487,80 քառ. մ. հողամաս մը, վրան բարձրացնելու համար Ս. Թերեզա Յիսուս Մանկան նուիրուած եկեղեցին` դարձեալ Կարօ Պալեանի ճարտարապետութեամբ, Կամսարական իշխաններուն Անիի եկեղեցիին նմանողութեամբ։ Կառուցումի բոլոր ծախքերը կը հոգացուին հաւատացեալներու սրտաբուխ նուիրատուութեամբ եւ թեմին կալուածներուն եկամուտներէն։ Այս նորակառոյց եկեղեցիին` 25,50 մ. երկայնքով, 11 մ. լայնքով եւ 12,50 մ. բարձրութեամբ, օծումը տեղի կ’ունենայ 1932 Փետրուար 7-ին, եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան։ Շատ տարիներ ետք, 1977 թ., ճարտարապետին տղուն` Հրազդան Պալեանի նախագծով կը կցուի զանգակատունը։ Նոյն ժամանակ, եկեղեցիին կից կառուցուած է երեք յարկանի ժողովրդապե-
257
տարանը` դահլիճով, ժողովրդապետին գրասենեակով, ննջասենեակով եւ այլ յարմարութիւններով։
î³×³ñ Û³ÝáõÝ êñµáõÑõáÛ Â¿ñ¿½³ÛÇ – ÏÇó` ½³Ý·³Ï³ïáõÝÁ »õ ï³×³ñÇÝ Ý»ñùݳٳëÁ Ժողովրդապետարանի յառաջամասի շատ գողտրիկ պարտէզին մէջ` 1936 թ. կանգնուած է Ս. Թերեզայի մէկ գեղակերտ արձանը։ Պարտէզին աջակողմը, եկեղեցիին արտաքին պատին վրայ` 1975 թ., զետեղւած է նահատակաց Յուշատախտակը` ճարտարապետ Հրազդան Պալեանի նախագծումով։ Դարձեալ նոյն պարտէզին անկիւնը` 1985 թ., Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը բացումը կատարեց ամբողջ սփիւռքի տարածքին, միակ Թարգմանչաց Յուշարձանին` որ գեղարուեստական յղացումն է ճարտարապետ Հրազդան Պալեանի։
Úáõß³ñÓ³Ý Û³ÝáõÝ ê© ê³Ñ³Ï³Û »õ ê© Ø»ëñáå³Û
258
ܳѳï³Ï³ó Úáõß³ñÓ³ÝÁ
Նոյն պարտէզին` գրեթէ կեդրոնական մասին մէջ, ներկայիս ընթացքի մէջ է կառուցումը` գետնայարկէն զատ, երեք յարկանի նոր շէնքի մը, որ պիտի պարփակէ ժողովասրահներ` հոգեւոր, հովուական, մանկական, երիտասարդական եւ ընտանեկան այլազան գործունէութիւններու յատկացուելու նպատակով, շեշտակի դարձնելու համար աշխարհականներու առաքելութիւնն ալ։ Շէնքին ճարտարապետն է Հաննա Շաուքի. շինութեան բոլոր ծախքերը կը մատակարարուին հաւատացեալներուն նուիրատուութիւններով։ Եկեղեցիին աջակողմեան հողի տարածութեան վրայ, ճարտարապետ Անթուան Պազերկիի յատակագիծով` 1967 թ., կառուցուած է երկյարկանի ժողովրդապետական Հանդիսասրահը, որուն շինութեան ծախքերուն մասնակցած են համայնքին ընտանիքները, ժողովրդապետ Պօղոս Վրդ. Բապուճեանի ընտանեկան անդամները, եւ մաս մըն ալ հոգացուած է թեմին կալուածներուն եկամուտներէն։ Ժողովրդապետական Ակումբը կը կառավարուի յատուկ կանոնագրութեամբ, յառաջ բերելով գործադիր, երիտասարդական եւ տիկնանց յանձնախումբերու սերտ գործակցութեամբ` հոգեւոր, ընկերային, մարզական եւ մշակութային աշխոյժ գործունէութիւն։
ÄáÕáíñ¹³å»ï³Ï³Ý гݹÇë³ëñ³Ñ – Û³é³ç³Ù³ëÇ Ù³ñ½³Ï³Ý ¹³ßïáí Սրահին յառաջամասին վրայ յարդարուած է մարզական դաշտը` ուր տեղի կ’ունենան պարբերական մարզումները եւ խանդավառ մրցումները։
259
Ժ. Ս. ԹԵՐԵԶԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՆԵՐԸ
Հելիոպոլսոյ արուարձանէն զատ, Ս. Թերեզա Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը կազմակերպած է նաեւ Գուպպէ, Զէյթուն, Հելմիէ, Մաթարիա, Այն Շամս եւ Էզպէթ Էլ Նախլ թաղամասերու հայ կաթողիկէ ընտանիքներու հոգեւոր կեանքն ալ։ Այսպէս, բոլորանուէր ծառայած են` Ներսէս Վրդ. Թայրոյեան, 1931-1934։ Յովսէփ Վրդ. Քաջունի, 1934-1935։ Պօղոս Վրդ. Շիրիքճեան, 1935-1947։ Յովսէփ Վրդ. Սապ, 1947-1949։ Պօղոս Վրդ. Բապուճեան, 1949-1968։ Պետրոս Վրդ. Թարմունի, 1968-1990։ Պետրոս Եպս. Թարմունի, 1990-1998։ Ժիրայր Քհնյ. Անանեան, 1993-
ԺԱ. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԸ
1744 Սեպտեմբեր 19-ին, խաղաղ նաւարկութեամբ` Լիվոռնոյէն Աղեքսանդրիա կը հասնի Աբրահամ-Պետրոս Ա. Արծիւեան Կաթողիկոսը։ Հայրապետին նաւահանգիստ ժամանումը իմանալով, գործով առժամաբար այնտեղ գտնուող հայ կաթողիկէ անձնաւորութիւններ կը փութան տեսնել զինք, եւ կը հրաւիրեն` որ ցամաք իջնէ։ Սակայն զգուշութեան համար, Արծիւեան չ’ուզեր նաւէն իջնել, եւ կը բաւարարուի օրհնութեան գիր մը ղրկելով անոնց։ Աղեքսանդրիա հաւատարմագրուած եւրոպացի հիւպատոսներու պաշտպանութեան շնորհիւ, ի վերջոյ, Արծիւեան կը հաւանի նաւէն իջնել, ու զինք դիմաւորողներուն ծափողջոյններով եւ ուրախութեան աղաղակներով կը մտնէ քաղաք, ուր մեծ պատիւներով կը հիւրընկալուի քանի մը օր։ Գահիրէի համայնքն ալ, անասելի խնդութեամբ, 20 կաթողիկէ երեւելի հայերու ստորագրութեամբ, Հ. Մատթէոս եւ Հ. Յովսէփ վարդապետներու գրաւոր դիմումով` Հայրապետը կը հրաւիրէ մայրաքաղաք այցելել, հոգեւոր մխիթարութեան համար։ Այս պարագային ալ, դարձեալ իր թշնամիներուն ձեռքը չիյնալու նախզգուշութեամբ, Արծիւեան կը խուսափի եղած հրաւէրին դրական հետեւանք տալէ, եւ յաջող նաւարկութեամբ կը հասնի Պէյրութ, շուտով միանալու համար իր միաբանակիցներուն5։
260
1801 թ. տեղի ունեցած կոտորածներուն հետեւանքով, կաթողիկէ հայերէն մաս մըն ալ Աղեքսանդրիա կը հաստատուի, եւ մինչեւ 1825 թ., համայնքը կարեւոր թիւ մը կը կազմէ։ Երբ անգլիական երկաթուղիի ընկերութեան մը շնորհիւ` երթեւեկութիւնը կը դիւրանայ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ միջեւ, Յովհաննէս Վրդ. Թօփուզեան եւ ուրիշ քահանաներ կ’երթան մկրտութիւն, պսակադրութիւն եւ այլ հոգեւոր պարտականութիւններ կատարելու։ Սեփական աղօթատեղի չունենալով, իրենց հոգեւոր պաշտամունքը կը կատարեն լատիններու եկեղեցին, եւ ննջեցեալներն ալ կը թաղեն անոնց գերեզմաննոցը։ Համայնքին կողմէ` սեփական եկեղեցի ունենալու բոլոր փորձերը ի զուր կ’անցնին, մինչեւ որ Ագշէհիրլեան Եպս.ին ջանքերով կը վարձուի տուն մը` որ յարմարութիւն ունէր թէ փոքրիկ մատուռ մը հաստատելու, եւ թէ քահանայի մը բնակութեան համար։ Աղեքսանդրիոյ Առաջին մատուռը նուիրուած է Ս. Աստուածածնի Անարատ Յղութեան. տեառնագրութեան հանդէսը կատարուած է 1890 Մայիս 25-ին, Գահիրէի եկեղեցիին երգեցիկ մանուկներուն սպասարկութեամբ, հանդիսաւոր պատարագը մատուցած է Ագշէհիրլեան Եպիսկոպոսը` ընթերկայութեամբ չորս հայ կաթողիկէ քահանաներու։ Ներկայ եղած են կաթողիկէ յարանուանութիւններէ բազմաթիւ եկեղեցականներ, Ֆրանսայի հիւպատոսը, Աղեքսանդրիոյ քաղաքապետը` իրենց պաշտօնատարներով։ Նորակառոյց մատուռին շէնքը` ճարտարապետական մասնաւոր ձեւ մը չունէր, շատ պարզ էր` առանց սեթեւեթի։ Մատուռին պատերը քարուկիր էին, իսկ առաստաղը` փայտաշէն. երկարութիւնը` 14 մ., լայնութիւնը` 7 մ., բարձրութիւնը` 10 մ.։ Աւագ խորանը` հիւսիսային-արեւմտեան կողմն էր, առջեւը` փոքրիկ դասով մը։ Դասէն դուրս, մէկ կողմը` մկրտարանը, միւս կողմը, Լուրտի Աստուածամօր խորանը` գեղաքանդակ արձանով։ 1894 թ. ամրան սկիզբները` այս մատուռը կը քանդուի եւ Խալիլ Խայեաթ փաշայի 35,000 ֆրանք նուիրատուութեամբ կը կառուցուի 20 մ. երկարութեամբ, 10 մ. լայնքով եւ 13 մ. բարձրութեամբ, նոր եկեղեցի մը` որ դարձեալ հոյակապ ճարտարապետական ձեւ մը չունէր6, կը նշուի պատմագրին կողմէ։ 1895 Մարտ 24-ին, օծման սուրբ հանդէսով` կրկին անգամ, եկեղեցին կը նուիրուի Սուրբ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան։ Հանդիսութեան ներկայ եղած են` Ֆրանսայի հիւպատոսը, Մատրիտի դուքսը` որ այցելութեամբ Աղեքսանդրիա կը գտնուէր, Աղեքսանդրիոյ քաղաքապետը, Անգլիական Զօրքերու Բանակին սպարապետը, կաթողիկէ յարանուանութիւններու երեւելիներ։ 1899 Յունուար 6-ին, բազմաթիւ դժուարութիւններէ ետք, Աղեքսանդրիոյ հայերը կ’ունենան իրենց սեփական գերեզմաննոցն ալ. 1905 Փետրուար 19-ին կը
261
կատարուի շքեղ տեառնագրութիւնը` Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեանի կողմէ, ամէն դասակարգի բազմաթիւ ազգայիններու ներկայութեան։
ԺԲ. ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅԵՐՈՒ
Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութիւնը կը հաստատուի ԳրիգորՊետրոս Ը. Կաթողիկոսին կողմէ` տեղւոյն ազգայիններուն թախանձանքով։ Լիբանանի Զմմառ վանքին մէջ, 1849 Օգոստոս 26-ին, Եգիպտոսի վիճակին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Բարսեղ Վրդ. Աքթարեանը` Պօղոս անուանակոչութեամբ։ Ան` իր արդիւնաշատ կեանքը կը կնքէ 1866 Յունիս 2-ին, քսանեօթը տարի անխոնջ եւ նուիրեալ ծառայելէ ետք իր հօտին։ Որպէս կաթողիկոսական հողամաս, նուիրապետութիւնը կը հաստատուի Հռոմի Ս. Աթոռին կողմէ` 1867 թ., իբր ուրոյն թեմ։
ԺԳ. ԳԱՒԱԶԱՆԱԳԻՐ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
1. ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՎԻՒՆԵՐ Յակոբ Վրդ. Կիպրացի, 1736 թ.։ Գրիգոր Վրդ., 1737 թ.։ Յովսէփ Վրդ., 1743 թ.։ Մատթէոս Վրդ., 1744 թ.։ Գէորգ Վրդ. Միքմէլճեան, 1745 թ.։ Գաբրիէլ Վրդ., 1746 թ.։ Գէորգ Վրդ., 1749 թ.։ Յովսէփ Եպս., 1749 թ.։ Գասպար Վրդ., 1785-1788 թթ.։ Մատթէոս Վրդ., 1788 թ.։ Ճոհարճի Վրդ. Ադամեան, 1788 թ.։ Յովհաննէս Վրդ. Վլանկացի, 1792-1796 թթ.։ Պետրոս Վրդ. Գաղատացի, 1795 թ.։ Գէորգ Վրդ. Բերիացի, 1795 թ.։ Յովհաննէս Վրդ. Թօփուզեան։
262
2. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴՆԵՐ Սերովբէ Վրդ. Այվազեան, 1820 - 25.11.1837։ Պօղոս Վրդ. Ահարոնեան, 1837 - 3.4.1841։ Բարսեղ Վրդ. Աքթարեան, 3.8.1841 - 25.8.1849։ Արհի. Տ. Պօղոս Եպս. Աքթարեան, 26.8.1849 - 2.6.1866։ Ստեփան Վրդ. Անուանեան, 1866 - 2.5.1870։ Պօղոս Վրդ. Սապպաղեան, 1874-1880։ Աւետիս Վրդ. Թուրքեան, 1880-1886։
3. ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ Արհի. Տ. Բառնաբաս Եպս. Ագշէհիրլեան, 2.5.1886 - 16.5.1898։ Պօղոս Վրդ. Սապպաղեան, 1898 - 9.11.1901, իբր Պատրիարքական Փոխանորդ։ Արհի. Տ. Պօղոս Եպս. Սապպաղեան, 10.11.1901 - 4.8.1904։ Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեան, 1904-1907, իբր Պատրիարքական Փոխանորդ։ Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Գոյունեան, 7.7.1907 - 14.3.1911։ Արհի. Տ. Յովհան Եպս. Գուզեան, 22.10.1911 - 6.5.1933։ Արհի. Տ. Յակոբ Արքեպս. Նեսիմեան, 5.8.1933 - 2.7.1960։ Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեան, 6.1.1959-ին` օգնական Եպս. Նեսիմեան Գերապայծառին, յաջորդութեան իրաւունքով։ Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեան, 2.7.1960 - 9.3.1989։ Պետրոս Վրդ. Թարմունի, 5.6.1989 - 18.2.1990, Պատրիարքական Կառավարիչ։ Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունի, 18.2.1990 - 7.10.1999։ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ
¶»ñå© ´³éݳµ³ë ºåë© ²·ß¿ÑÇñÉ»³Ý 1886-1898
¶»ñå© äûÕáë ºåë© ê³åå³Õ»³Ý 1901-1904
¶»ñå© ä»ïñáë ºåë© ¶áÛáõÝ»³Ý 1907-1911
263
¶»ñå© ÚáíÝ³Ý ºåë© ¶áõ½»³Ý 1911-1933
¶»ñå© Ú³Ïáµ ²ñù© Ü»ëÇÙ»³Ý 1933-1960
ԺԴ. ԱՐՀԻ. Տ. ՌԱՓԱՅԷԼ ԵՊՍ. ՊԱՅԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ
Վիճակաւոր Արհի. Տ. Յակոբ Արք. Նեսիմեանին յաջորդեց Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեան, որ նոր պաշտօնը հազիւ ստանձնած, գրեթէ առաջին օրէն իսկ` եռանդագին գործունէութեան լծուեցաւ, կրթական եւ ընկերային կառոյցներով շէնցնելով համայնքային կեանքը։
¶»ñå© è³÷³Û¿É ºåë© ä³Û»³Ý Հովուական առաջին այցելութեամբ Խարթում գտնուած օրերուն, Գերապատիւ Գրիգոր Վրդ. Կէրկէրեանի հետ, Գերապայծառ Պայեան յաջողած էր տեղւոյն լատին առաջնորդին հաւանութիւնը ստանալ` քաղաքին մանչերու եւ աղջիկներու կաթողիկէ վարժարաններուն հայ տղոց եւ աղջիկներուն համար, հայերէն լեզուի մասնաւոր դասընթացք հաստատելու` շաբաթական դրութեամբ։ Այս որոշումը` իր ատենին չգործադրուեցաւ, գաղութին բաղկացուցիչ
264
տարրերու խափանարար աշխատանքին պատճառով։ Յետագային, այս որոշումին կիրարկութենէն կրցան օգուտ քաղել ուրիշներ` որոնք ժամանակաւոր պաշտօնով այդտեղ կը գտնուէին։ Աղեքսանդրիոյ թեմը նուիրումով կառավարելէ ետք, իր մօտալուտ մեկնումին առիթով, Գերպ. Ռափայէլ Եպս. Պայեանի ի պատիւ` Կիրակի, 28 Յունուար 1990ին, երեկոյեան ժամը 6.30-ին, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, ապա, Արհիապատիւ Պետրոս Եպս. Թարմունիի, Կղերին եւ Գահիրէի Պատրիարքական Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ողջերթի հիւրասիրութիւն։ Կարճ ժամանակ մը Պրազիլիա գտնուող իր հարազատներուն մօտ մնալէ ետք, Գերպ. Պայեան շրջան մըն ալ մնացած է Զմմառի Միաբանութեան Փոխման Կուսին վանքը, ապա` իր վաստակած կեանքը անցուց Պէյրութի մերձակայքը գտնուող «Քրիստոս Թագաւոր» քահանաներու յատուկ հանգստարան տունին մէջ, ուր մահկանացուն կնքեց 30 Սեպտեմբեր 1999-ին, լի հոգեւոր մխիթարութիւններով։
ԺԵ. ԱՐՀԻ. Տ. ՊԵՏՐՈՍ ԵՊՍ. ԹԱՐՄՈՒՆԻ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ
Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան մէջ, Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունի միակն է` որ ծնած է Գահիրէ։ Ան` իր աչքերը բացած է Էլիաս եւ Ժոզեֆին Թազայի օրհնեալ ընտանիքին մէջ, Մաթարիա` 17 Յունուար 1940-ին. Պետրոս` ութ զաւակներէն, հինգերորդն է։ Թազա ընտանիքը բնիկ Մարտինցի է, որ 1915 թ. սպանդէն մազապուրծ ճողոպրելով` 1924 թ. ապաստան գտած է Փոր Սայիտի մէջ, հազարաւոր տարագիրներու կարգին։ Պետրոսի ուսումնառութիւնը` մանկութենէն պատանեկութիւն, տեղի ունեցած է ֆրանսացի ֆրերներու վարժարաններուն մէջ, դաստիարակուած է անոնց ջամբած ոգիով. այսպէս` նախ Զէյթուն արուարձանի, յետոյ Խորոնֆիշի եւ ապա Տահէր թաղամասի Collège de la Salle-ին մէջ։ Ընտանեկան բարեպաշտ կենցաղը, եւ յատկապէս` Ս. Թերեզա եկեղեցւոյ բոլորանուէր ժողովրդապետ Պօղոս Վրդ. Բապուճեանի խրախուսանքը, առիթ կու տան` որ երիտասարդ Պետրոս, իր զգացած կոչումին համաձայն, իր ուսումը ամբողջացնէ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանին մէջ, 19581965 տարիներու ընթացքին։ Միաժամանակ, ան յաճախած է Յիսուսեան Հայրերու Գրիգորան Համալսարանը` իմաստասիրութիւն եւ աստուածաբանութիւն ուսանելու համար։ Այսպէս, Պետրոս Վրդ. Թարմունի քահանայական սուրբ կարգը կ’ընդունի 15
265
²ñÑÇ© î© ä»ïñáë ºåë© Â³ñÙáõÝÇ Օգոստոս 1965-ին` Վերափոխումի տօնին, Աթոռանիստ Աւետումն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Աղեքսանդրիոյ Վիճակաւոր` Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեանի ձեռնադրութեամբ։ Բազմահարիւր ներկաներուն մէջ, Գերպ. Թարմունի յուզումով կը յիշէ` Եգիպտոսի Հայոց Թեմի շինարար առաջնորդ, հոգելոյս Մամբրէ Արքեպիսկոպոս Սիրունեանի ներկայութիւնը։ Այնուհետեւ, Պետրոս Վրդ.ին եկեղեցանուէր կեանքը ընթացած է ժողովրդապետական ժրաջան գործունէութեամբ, ամէն տեղ շէնցնելով եւ ծաղկեցնելով իր շրջապատը` 1965-1968 տարիներուն, Աւետումն Ս. Աստուածածին Եկեղեցիին մէջ, իսկ 1968-1998 թուականներուն` Հելիոպոլսոյ Ս. Թերեզա Եկեղեցիին մէջ։ Իր ծառայասիրութիւնը արժանացած է Հոգեւոր Տիրոջ ուշադրութեան, եւ 1985 թ., քահանայութեան քսանամեակին առիթով, բարձրացած է ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի։ Վիճակաւոր Արհի. Տ. Ռափայէլ Եպս. Պայեանի հանգստեան կոչուելուն
266
պատճառով, 1989 Օգոստոս 21-ին, Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսը` յաջորդ Վիճակաւոր նշանակած էր Գերյարգելի Պետրոս Ծ. Վ. Թարմունին։ Այս առիթով, Եպիսկոպոսական օծումը կատարուեցաւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին կողմէ, 18 Փետրուար 1990-ին, Աթոռանիստ Եկեղեցիին մէջ. խարտաւիլակութիւնը կատարեց Գերապայծառ Պայեան Եպս., ձեռնադրակից եպիսկոպոսները եղան` Անդրէաս Պետօղլեան եւ Վարդան Աշքարեան, երկուքն ալ` Կաթողիկոս-Պատրիարքին օգնական եպիսկոպոսներ։ Բազմահարիւր հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած հոգեպարար արարողութեան, պատուոյ տեղերը գրաւած էին եկեղեցական պետերը եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները։ Միջ-եկեղեցական հերթական հաւաքոյթներու ընթացքին` իր արտայայտիչ ելոյթներով, գերապայծառ Թարմունի ապահոված է մասնաւորաբար, պատանիներու եւ երիտասարդներու համակրութիւնը։ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայերու Գերերջանիկ Տ.Տ. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ., իր պաշտօնէն հրաժարիլը` 25 Նոյեմբեր 1998 թուակիր նամակով ներկայացուցած էր Ն. Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Ս. Պապին, որ ընդունած է 1999 Յունիսին։ Սիւնհոդոսական Հայրերու որոշումով` 1999 Հոկտեմբեր 2-7-ին ընթացքին, Զմմառու Փոխման Կուսին վանքին մէջ, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը Կաթողիկոս-Պատրիարք ընտրած է Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունին, որ ստացած է Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անունը։
ԺԶ. ԳԵՐ. ՄԽԻԹԱՐ ՔԱՐԵՄ ՎՐԴ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ԵԳԻՊՏՈՍԻ
Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունիի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայերու Կաթողիկոս-Պատրիարք ընտրութեամբ, Աղեքսանդրիոյ Եպիսկոպոսական Աթոռը թափուր մնաց պահ մը. սակայն, անմիջական կարգադրութեամբ, ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ., Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ թեմին Պատրիարքական կառավարիչ անուանեց Հայր Մխիթար Քարեմ Պօղոսեանը, անոր շնորհելով Վարդապետական աստիճան։ Աւետման Մայր Եկեղեցիին մէջ` Կիրակի, 14 Նոյեմբեր 1999-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, եկեղեցական արարողութեան նախագահեց եւ Ս. Պատարագ մատուցանեց Պատրիարքական Փոխանորդ` Արհի. Տ. Մանուէլ Եպս. Պաթագեան։
267
¶»ñ© ØËÇóñ ø³ñ»Ù ìñ¹© äûÕá뻳Ý` í³ñ¹³å»ï³Ï³Ý ³ëïÇ×³Ý ëï³Ý³É¿ ³é³ç
ԺԷ. Տ. ԺԻՐԱՅՐ ՔՀՆՅ. ԱՆԱՆԵԱՆ ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏԸ
Բոլոր եկեղեցիներուն նման` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ալ կը դիմագրաւէ քահանայական եւ կրօնաւորական կոչումներու սակաւութեան տագնապը։ Սակայն, հաւատաւոր եկեղեցականը անսալով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի թելադրանքին (Մատթէոս Թ. 37, 38 եւ Ղուկաս Ժ. 2), թէ` «հունձքը առատ է, բայց մշակները քիչ. ուստի աղաչեցէք հունձքի տիրոջ` որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար», Արհիապատիւ Պետրոս Եպիսկոպոս, արդարեւ, յաջողած է գտնել իր ձեռնասունը` Ժիրայր Անանեանը, եւ հոգեւոր պատրաստութեամբ հասցնել քահանայական աստիճանի։ Տեղւոյն վրայ` աստուածաբանական եւ սուրբ գրական գիտութիւններու մէջ պատրաստուելէ ետք, շատ կարճ ժամանակով ալ ղրկուած է Վիեննայի
268
Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանքը` ամբողջացնելու համար հայերէն լեզուի նախագիտելիքները։ Հոգեւոր չափաւոր պատրաստութենէ ետք, Աւետման Աթոռանիստ Եկեղեցիին մէջ` 2 Փետրուար 1993-ին, Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունիի ձեռնադրութեամբ, Տ. Ժիրայր Քհնյ. Անանեան դարձաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին` արդի ժամանակներուն մէջ գործող առաջին ամուսնացեալ քահանան։ Այդ թուականէն սկսեալ, Տ. Ժիրայր քահանայ որպէս ժողովրդապետ կը ծառայէ Ս. Թերեզա Եկեղեցիին մէջ, բոլորանուէր հասնելով իր բազմանդամ հօտին բազմապիսի պահանջներուն։ Տէր Ժիրայր` Don Bosco արհեստագիտական վարժարանի շրջանաւարտներէն է, կեանքի ասպարէզին մէջ եղած է յաջողակ անձ մը, ամուսնացած է` կազմելով երեք զաւակներով ընտանիք մը։
²ñÅ© î© ÄÇñ³Ûñ øÑÝÛ© ²Ý³Ý»³Ý` ù³Ñ³Ý³Û³Ï³Ý Ó»éݳ¹ñáõÃ»Ý¿Ý í»ñç
269
ԺԸ. ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ
Պատմական առաջին տուեալներուն համաձայն, ԺԸ. դարու կէսին` հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը հաշուած է քառասուն ընտանիք, միայն մայրաքաղաքին մէջ։ 1885 թ. կատարուած մանրազնին «Ազգահամար»-ին մէջ, «թիւ համօրէն ընտանեաց` որք գտանին ըստ ամենայն սահմանս Եգիպտոսի, է (228) երկերիւր քսանեւութ7»։ «Ազգահամար»-ներ կազմուած են նաեւ` 1896, 1897, 1898 տարիներուն8։ 1914 թ. տուեալներով` Գահիրէ գտնուած են 300 ընտանիք, իսկ Աղեքսանդրիա` 120 ընտանիք։ 1915-1935 քսանամեակին` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ գտնուած են երկու հազարէ աւելի հայ կաթողիկէ անդամներ, Մեծ Եղեռնէն եւ յաջորդական կոտորածներէն ճողոպրած նոր գաղթականներու հետեւանքով։ 1941 թ., Գահիրէի համայնքը հաշուած է 800 ընտանիք։ Միայն, 1943-1945 թթ., Աղեքսանդրիոյ համայնքին թիւը եղած է 400 ընտանիք։ Աւելի մանրամասնեալ վիճակագրութիւն մը գոյութիւն ունի Հելիոպոլսոյ, Քուպպէյի, Զէյթունի, Հիլմիէի, Մաթարիէի, Այն Շամսի, Էզպէթ Էլ Նախլի միացեալ ժողովրդապետութեան մասին. այսպէս, 1939 թ.` 184 ընտանիք, 1945 թ.` 246, 1949 թ.` 367, 1971 թ.` 219, 1973, թ.` 209։ Ներկայիս` վերջին տուեալներով, հայ կաթողիկէ համայնքին անդամները կը հաշուեն, Գահիրէ` 146 ընտանիք, Հելիոպոլիս` 195, Աղեքսանդրիա` 75, գաւառներու մէջ` Թանթա, Զիֆթա, Մանսուրա, 10. իսկ Սուտան` Խարթում եւ շրջակայքը` 70։
ԺԹ. ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ
Առաջին երեսփոխանական ժողովը կը հաստատուի 1869 Փետրուար ամսուն, Անտոն Հասունեան Կաթողիկոսին Եգիպտոս այցելութեան ժամանակ։ Կաթողիկոսը` «առանց կանոն մը եւ սահմանադրութիւն մը օրինագրելու` կը կարգէ երեսփոխանական ժողով մը եւ կ’որոշէ անոր անդամները9»։ Երեսփոխանական ժողովը իր գոյութիւնը պահպանած է մինչեւ 1905 թ., Պատրիարքական Փոխանորդ Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեանի թելադրութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Տիրան Փիլիպպոսեանի աջակցութեամբ, Բիւզանդ Մասրաֆ` իր օրէնսդրական հմտութեամբ, կը ջանայ ծրագրել հիմնական
270
կանոնագիրը` որ 27 յօդուածներով կը ներկայացուի եգիպտական կառավարութեան. երկարատեւ քննութենէ ետք, կը վաւերացուի Նորին Բարձրութիւն Խտիւին կողմէ` 1905 Նոյեմբեր 18-ին, արտօնելով անոր կիրարկութիւնը։ 1906 Մարտ 30-ին` տեղի ունեցած է առաջին նիստը. որոշումները` մասնակից ժողովականներուն ստորագրութեամբ, արձանագրուած են առանձին տոմարի մը մէջ։ Աղեքսանրդիոյ համայնքը իր սեփական վարչութիւնը կ’ունենայ 1909 Մայիս 9-ին։ Ներկայիս, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ համայնքները կը կառավարուին Պատրիարքարանի Վարչական Մարմիններու (Մակլիս իտարաթ էլ պաթրիարքէյա) կողմէ` բաղկացած տասնմէկ անդամներէ, վերընտրելի` երեք տարին անգամ մը. Մարմինին նախագահը` Եպիսկոպոսն է, որ կ’անուանէ եկեղեցական ներկայացուցիչը, Գահիրէի պարագային` Տ. Ժիրայր Քհնյ. Անանեանն է։ Աշխարհական ինը անդամները կ’ընտրուին հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ` եթէ լրացնեն հետեւեալ պայմանները. ըլլան` Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան հպատակ, հայ կաթողիկէ, լրացուած` քսանմէկ տարիքը, վճարեն` անդամական տարեկան տուրքը, անուանարկիչ դատապարտութիւն կրած չըլլան, եւ արձանագրուած ըլլան երկու տարիէ ի վեր։
Ի. ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԻՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ
Եկեղեցին տակաւին եկամուտէ զուրկ ըլլալուն, քահանաները յաճախ ստիպուած եղած են ժողովուրդին նուիրատուութեան դիմելու. Բարսեղ Վրդ. Աքթարեանի առաջին հոգը կ’ըլլայ եկեղեցիին տնտեսական աննախանձելի վիճակը բարւոքել։ Իրմէ ետք, Ստեփան Վրդ. Անուանեանն ալ` անշարժ կալուածներով օժտած է եկեղեցին։ Զակազիկի կողմերը` Պորտէն գիւղին մէջ, Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեան գնած է 25 ֆետտան տարածութեամբ փոքրիկ ագարակ մը, որ տարեկան 100 ոսկի եկամուտ ապահոված է այն ժամանակ։ Գերապայծառ Դաւթեան` 17 ֆետտան տարածութեամբ ուրիշ ագարակ մըն ալ գնած է Թելլէն Շարքիէ գիւղին մէջ։ Նոյն վայրին մէջ բարեպաշտ անձ մը` 29 ֆետտանի չափ տարածութեամբ ագարակ մըն ալ նուիրած է։ Նախկին բոլոր կալուածները վաճառուած ըլլալով, ներկայիս` հայ կաթողիկէ համայնքը կը մատակարարուի այլ հասութաբեր կալուածներու եկամուտներով եւ բարեպաշտ անդամներու նուիրատուութիւններով։
271
ԻԱ. Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԱՆՈՒԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Առաջին անգամ, Բարսեղ Վրդ. Աքթարեան կազմակերպած է եղբայրութիւն մը` յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի։ Տասնեակ մը բարեգութ անձնաւորութիւններ` Եագուպ Արթին փաշայի, իր հօրաքրոջ` Թագուհի Հէքէքեանի, Հէքէքեան Թիթօ փաշայի, Պետրոս եւ Շիւքրի Մարտիրոսներու, Յովսէփ Կիւզէլի, Պազըրճեանց ընտանիքի եւ Մաթոսեան տոհմի զանազան անդամներուն նման` մշտնջենաւոր հրիտակներով ջանացած են մխիթարել բախտազուրկները։ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան Բարեգործական Ընկերութիւն մը հաստատելու համար` 1890 թ., Յակովբ Ֆէրահեան` Ժորժ Օղիայի, Ամին Հինտիէի եւ Կրէկուար Ֆէրահեանի աջակցութեամբ, ջանադիր կ’ըլլայ 54 յօդուածներէ բաղկացեալ կանոնագրութիւն մը պատրաստելու։ Արաբերէն լեզուով խմբագրուած այդ կանոնագրութիւնը` 1890 թ. Մայիսին, տպագրել տալով` կը ցրուեն։ Նախաձեռնութիւնը լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ` քառասունի չափ անդամներ մէկտեղելով. անոնք անձնուէր սիրով հոգ կը տանին ազգին կարօտեալները խնամելու` հաց, ալիւր, կտաւ եւ հանդերձեղէն բաշխելով։ 1906 թ. սկիզբը, Առաջնորդական Խորհուրդի Աղքատախնամին հսկողութեամբ` կը խմբագրուի նոր կանոնագրութիւն մը եւ կը հաստատուի Ազգային Ժողովէն եւ կառավարական իշխանութենէն 25.6.1906 թ. պաշտօնագրով։ Իսկ 1965-ին` կը վաւերացուի Ընկերային Գործոց Նախարարութեան կողմէ։ Այդ թուականէն սկսեալ, Բարեգործականը յարատեւած է իր նախախնամական առաքելութեան մէջ` մինչեւ այսօր։ Անցեալին, Աղեքսանդրիա ալ ունեցած է Աղքատախնամ Ընկերութիւն մը, որուն գործունէութիւնը դադրած է 1965-ին։ Նոյն նպատակով, բայց տարբեր անունով` St. Vincent de Paul-ը գործած է նաեւ Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Յետագային, այս երեք մասնաճիւղերը ձուլուելով` կը կազմեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ ժամանակի ընթացքին կը փակուի այս վերջինն ալ։ Ներկայիս, Գահիրէի Աղքատախնման Մարմինը կը գործէ տասներկու անդամներով, որոնք կը վերընտրուին ամէն տարի` Ընկերային Գործոց Նախարարութեան հսկողութեան ներքեւ։
272
ԻԲ. ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքին մէջ, 1882 Օգոստոս 15-ին` Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխումի տօնին, կը սկսի Գրիգորեան տոմարի գործածութիւնը` Պօղոս Վրդ. Սապպաղի նախաձեռնութեամբ եւ Ազարեան Կաթողիկոսին թելադրութեամբ։ Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեանի հոգածութեամբ կը կարգաւորուի Պատրիարքարանի Դիւանը` որ իր մէջ կը պարփակէ 1736 թ. սկսեալ պսակի արձանագրութեան, եւ 1737 թ. սկսեալ մկրտութեան արձանագրութեան տոմարները։ ա. Մատեան Պսակի կամ Արձանագրութիւնք Եղեալ Ամուսնութեանց յԱզգի Հայոց Ուղղափառաց, որ յԵգիպտոս։ Սկսեալ ի 1736 ամէ թուականի Քրիստոսի10։ բ. Ընդհանուր Արձանագրութիւն Եղեալ Մկրտութեանց յԱզգի Հայոց Ուղղափառաց, Եգիպտոս։ Սկսեալ ի 1737 ամէ թուականին Քրիստոսի11։ Երեքդարեայ հոգեւոր-մշակութային գանձերը` որոնք ի պահ կը մնան Եկեղեցիին եւ Պատրիարքարանին մէջ զանազան անկիւններ, զանոնք ապահով վիճակի մէջ տեսնելու բուռն տենչով, Գերապայծառ Թարմունի կը ծրագրէ արդիական կահաւորումով թանգարան մը հիմնել` անոնց ցուցադրութեան համար յարմարագոյն վայրը ապահովելէ ետք։ Պատրիարքարանի ճոխ գրադարանը` որ կը գրաւէ երրորդ յարկի սենեակներէն մէկը, ներկայիս, ֆրանչիսկեան Հ. Վենսան Մուսթարիհի հոգածութեամբ կը կազմակերպուի, յատկապէս` ուսումնասէր անձերու, եւ ընդհանրապէս` հետաքրքիր ընթերցողներու մատչելի դառնալու համար։
ԻԳ. ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐ
Եկեղեցական եւ հասարակական կեանքի մէջ` բազմաթիւ նուիրեալներու կարգին, իրենց վաստակով մասնաւոր յիշատակութեան արժանացած են` Պօղոս Վրդ. Սապպաղեանը, որ Աղեքսանդրիոյ Վիճակաւորի պաշտօնը արդիւնաշատ կերպով վարելէ ետք, արժանավայել կերպով բազմած է Պոլսոյ պատրիարքական գահին վրայ։ Երկու ժողովրդապետներ` Ալոզիոս Վրդ. Պաթանեան եւ Յովհաննէս Վրդ. Գասպարեան հասած են նուիրապետական` կաթողիկոսութեան բարձրագոյն աստիճանի. առաջինը` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ., իսկ երկրորդը` հրաժարեալ Կաթողիկոս-Պատրիարք Յովհաննէս
273
Պետրոս ԺԸ.12 է։ Ուրիշ վաստակաշատ ժողովրդապետ մըն ալ եղաւ Արհի. Տ. Իգնատիոս Արք. Մալոյեան, որ 1915 թ., իր քահանաներու խումբով եւ Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքին հաւատացեալներուն հետ` արժանացած է նահատակի լուսապսակին13։ Այս խումբի նահատակներէն` Սիմոն Վրդ. Պայեան ժամանակ մը գործած է Եգիպտոսի թեմին մէջ։ 1. Հովուական առաքելութեան առընթեր, մտաւորական արժանիքներ ցուցաբերած է Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեան, բեղուն գրիչի տէր եկեղեցականը, որուն հրատարակուած երկերը կը ներկայացուին այստեղ. - Serafino Davidian, Biografia di sua beatitudine Abramo Pietro I. patriarca di Cilicia e Catolicos degli Armeni, Cairo: Tipografia Cambo, 1861, 192 p. - Serafino Davidian, Biografia di sua beatitudine Gregorio Pietro VIII. patriarca di Cilicia e Catolicos degli Armeni, Torino, 20 Agosto 1866. Seconda edizione, Cairo, 1914. - S. Davidian, Cause della questione armeno-cattolica, Costantinopoli, 1870. - S. G. Mgr. Séraphin Davidian, Aperçu historique sur la situation des arméniens catholiques en Egypte, Cairo: Tipografia F. Votta, 1910, 17 p. - Յովսէփ Գեղեցիկ. Պետրոսի Աբբայի Մէթասթազիօ, թարգմանաբար շարագրեաց Գեր. Սիրովբէ Դաւթեան, Եպս. Հայ Ուղղափառ ի Գահիրէ, Վենետիկ, Տպ. Ս. Ղազար, 1913, 43 էջ։ - Աքաաբ թագաւոր. Տ. Յովհաննու Ռազի, թարգմանաբար շարագրեաց Գեր. Սիրովբէ Դաւթեան, Եպս. Հայ Ուղղափառ ի Գահիրէ, Վենետիկ, Տպ. Ս. Ղազար, 1913, 43 էջ։ - Պատմական տեսութիւն Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, գրեց Գեր. Սերովբէ Եպիսկոպոս Դաւթեան, ի Գահիրէ, ի հազար ինն հարիւր տասնըմէկ թուականին, Գահիրէ, Տպագր. Զ. Ն. Պէրպէրեան, 1914, 158 էջ։ - Mgr. Sépaphin Davidian, Généalogie et biographie de S. E. Yacoub Artin Pacha, Le Caire, 1917. 2e édition, Le Caire, 1917. 2. Ֆրանսերէն լեզուով պատմական կարեւոր հետազօտութիւն մը կատարած է Պօղոս Վրդ. Շիրիքճեան։ - Abbé Paul Chirikjian, L’Église arménienne catholique et le Saint-Siège de Rome, Alexandrie, 1949, 240 p. 3. Գերագոյն արժանիքներով օժտուած եկեղեցական մը եղած է Խաչիկ Վրդ. Աթանասեան, որուն գլխաւոր աշխատութիւնն է` - Վարք Աբրահամ-Պետրոս Ա. Արծիւեան Կաթողիկոսի, աշխատասիրեց Խաչիկ Վ. Աթանասեան, Զմմառեան Միաբանութենէն, Պէյրութ, Հայ Կաթողիկէ Տպարան, 1959, 382 էջ։ 4. Գրիգոր Վրդ. Կէրկէրեան` անխոնջ հետազօտող մը եղաւ, յայտնաբերելու համար Մեծ Եղեռնի վերաբերող վաւերագրերու բնագիրները. Այսպէս, Ամենա-
274
պատիւ Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի բարեհաճ թոյլտուութեամբ, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքին դիւաններէն կրցած էր 5000 վաւերաթուղթ լուսանկարել տալով` պատճէնները ունենալ։ Ապա, ամէն տարուան ամառուան ամիսներու ընթացքին, կարգով այցելած է Հռոմի, Փարիզի, Վիեննայի, Լոնտոնի Արտաքին Գործոց նախարարութիւններու դիւանները, ինչպէս նաեւ ԱՄՆի մասնաւոր դիւաններ։ Այս նիւթին շուրջ կազմուած անթիւ թղթածրարները` իրենց բացառիկ բովանդակութեամբ, իր մահէն ամիսներ առաջ, մանրամասն ցուցակագրուած են ԱՄՆի Հայկական Համագումարին կողմէ14։ Գերապատիւ Վարդապետին աշխատութեան ծրագիրը շատ ընդարձակ էր, իւրաքանչիւր շրջանի տարագրութեան եւ ջարդերուն մասին մենագրութիւն մը կը պատրաստէր` բնագրէն զատ, եւրոպական չորս լեզուներու թարգմանութեամբ։ Աշխատասիրութիւնը` մեթոտիկ կերպով կը յառաջանար, ափսոս, որ թերաւարտ մնաց։ Այդ շարքէն լոյս տեսաւ միայն` - Գրիկէր, Եոզղատի հայասպանութեան վաւերագրական պատմութիւնը, Նիւ Եորք, 1980, 468 էջ։ - Իր երիտասարդութեան տարիներուն, Կէրկէրեան Վրդ. յատկապէս հետաքրքրուած է Հ. Արսէն Բագրատունիի Հայկ դիւցազն դիւցազնավէպով. համբերատար կերպով` արեւմտեան աշխարհաբարի վերածած էր 20,000 տողերը...։ Նիւթական պատճառներով` չկրցաւ գրական այս անզուգական գոհարը տպագրութեան յանձնել։ - Անտիպ մնացած ուրիշ մեքենագիր աշխատութիւն մըն ալ` Սիմէոն Դպիր Լեհացիի Ուղեգրութիւնն է, Itinéraire de Siméon Lecteur Polonais ֆրանսերէն շատ գեղեցիկ թարգմանութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ։ 5. Տակաւին` 1911 թ., Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսին կողմէ յայտնուած փափաքին արդիւնքն է` - Նոր Կտակարան, չորս աւետարաններ եւ Գործք Առաքելոց, գրաբարէ աշխարհաբար թարգմանեց եւ մեկնաբանեց Հ. Գարեգին Վրդ. Գարանֆիլեան, Մխիթարեան Ուխտէ, Գահիրէ, Տպարան Նոր Աստղ, 1950, 594 էջ։ Եգիպտահայ տպագրական արուեստին պատիւ բերող հրատարակութիւն մըն է` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի հայրական գնահատանքի թուղթով։ 6. Ամէն առիթի` Գահիրէի թէ Աղեքսանդրիոյ մէջ, եկեղեցական բոլոր ձեռնարկներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանչիսկեան Հայրերու Քրիստոնէական Արեւելագիտութեան ուսումնասիրութեան Կեդրոնի ժրաջան տնօրէն, Հ. Վենսան Մուսթարիհ, արեւելագէտ հայագէտ Վարդապետը։
275
Щ ì»Ýë³Ý ØáõëóñÇÑ - üñ³ÝãÇëÏ»³Ý
ԻԴ. ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ
Իրենց անթիւ բարեգործութիւններով եւ առատաբուխ նուիրատուութիւններով յաւերժ յիշատակելի կը մնան, Գահիրէէն` Միքայէլ Այվազեան, Մաննա Գարգուր, Արթին պէյ Չրաքեան, Սուսան Տաուտ Էլ Հալապի եւ դուստրը` Ռոզա, Բէմպէ Հէքիքեան, Սոֆիա Մելքոն, Մարտիրոս եղբայրները, Թիթօ փաշա Հէքէքեան, Եագուպ Արթին փաշա, Նասրի Տատուր, Ժագ Եուսուֆեան, ասպետ Կարապետ պէյ Մաթոսեան, Արհի. Տ. Յովհան Եպս. Գուզեան, Կատարինէ Լիմոնճելլի, Յարութիւն Արբաճեան, Արաքսի Ամպարեան, Ժագ Պաղտեան եւ ուրիշներ։
²ëå»ï γñ³å»ï سÃá뻳Ý
276
Իսկ Աղեքսանդրիայէն` դարձեալ Եագուպ Արթին փաշա, Խալիլ փաշա Խայեաթ եւ եղբայրը` Նասրի պէյ, Յովհաննէս պէյ Մաթոսեան, Մանինա Գարգուր, Պետրոս Տեմիրճեան, Մարի Պօյաճեան, Յակոբ Պօտուրեան, Սիմա Մաքսուտ, ծնեալ` Զերբճի, Մարի Կոհարկի եւ ուրիշներ։
ԻԵ. ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԿԱՐԿԱՌՈՒՆ ԴԷՄՔԵՐ
Հայ կաթողիկէ համայնքային կեանքին սատարած կարկառուն դէմքերը բազմաթիւ են. այսպէս, պետական բարձր պաշտօններուն հասած, Չրաքեան ընտանիքի անդամներէն` Արթին, Խոսրով եւ Եուսէֆ պէյերը, Եագուպ Արթին փաշան։ Հէքէքեան ընտանիքէն` Եուսուֆ պէյը եւ Թիթօ փաշան։ Դատական քննիչ Պետրոս պէյ Կորկին, Խանքի ընտանիքէն` դատաւոր Եուսէֆ պէյ Ազիզ, Քամէլ Եուսէֆ եւ Ազիզ պէյերը. բոլորն ալ մտաւորական ձիրքերով օժտուած անձեր` քանի մը հատորներու հեղինակ։ Օղիա ընտանիքէն` բժիշկ Լաթիֆը, Ժորժ եւ Էմիլ պէյերը։ Մըսաուար ընտանիքէն` Ժոզէֆ, Քամէլ եւ Ժորժ պէյերը։ Արաբական գրականութեան մէջ անուանի գրող եւ հրապարակագիր Ատիպ Իսհաքը, լրագրող Օննիկ Փիլիպպոսեանը, շերամաբան Բիւզանդ Մասրաֆը։ Ֆարահեաններէն` Յակոբ եւ Կրեկուար պէյերը։ Մաթոսեաններէն` Կարապետ պէյը եւ Ժոզէֆ։ Ճարտարապետական կառոյցներով անուանի Լեւոն Նաֆիլեանը, երկաթեղէնի գործարանատէր Ա. Ֆէնտեանը, Հեռաձայնի Վարչութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն` Աւետիս Պալեանը եւ Սեդրաք Օտապաշեանը, եգիպտական երգիծանկարչութեան ռահվիրայ Ալ. Սարուխանը, հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստագէտ Պետրոս Պետիկեանը։ Միքայէլեաններէն` Ժորժ, եւ իր զաւակները` Հրաչ եւ Քրիս։ Սայիտ ընտանիքներէն` Էլի, Միշէլ, Լէյլա, Նակիպ, Լորիս։ Պազերկի ընտանիքէն` Ժոզէֆ եւ Էմիլ, Տէր Մարգար ընտանիքէն` Մաթիէօ, Ժոզէֆ եւ Սայիտ. Ռաֆայէլ Աթալլա, Ռուբէն Նալպանտեան, Ժոզէֆ Տիլիմեթինեան, Ալպէր Աշպա եւ ուրիշներ15։ Աղեքսանդրիոյ հայ Կաթողիկէ համայնքն ալ, իր թիւին համապատասխան հաշուած է կարկառուն դէմքեր, ինչպէս` Եագուպ Արթին փաշա, Խայեաթ եղբայրներէն` Խալիլ փաշա եւ Նասրի պէյ, Հէքէքեան Թիթօ փաշա, Մաթոսեան Յովհաննէս պէյ, Էմիլ Շամէ’, Ժորժ Սայէղ, Տոքթ. Արթին Խաչերեան, Անթուան Աշպա, Տոքթ. Կարապետ Անսուրեան, Ռոպէր Պալեան, Ժան Քէսթանեան։
277
àÕµ© ÄáñÅ ØÇù³Û¿É»³Ý
ԻԶ. ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆՆԵՐԸ
Հոգեւոր դաստիարակութեան եւ առաջնորդութեան համար` աշխարհի տարածքին, բազմաթիւ եկեղեցիներու հովիւներ` բարի սովորութեամբ կը հրատարակեն իրենց եկեղեցական գործունէութեան առընչուող շատ կոկիկ պարբերական տեղեկատուներ։ Այսպիսի ջանադրութեամբ, Հելիոպոլսոյ եռանդուն ժողովրդապետը` Պօղոս Վրդ. Շիրիքճեան, 1934 թ. յունիսէն սկսեալ մինչեւ 1939 թ., ձեռնարկած է Bulletin mensuel de l’église arménienne catholique Sainte Thérèse de l’Enfant Jésus ամսաթերթին հրատարակութեան։ Նոյն եկեղեցիին ժողովրդապետութեան շրջանին, Պետրոս Վրդ. Թարմունի հրատարակած է La Vie paroissiale-ը, իսկ աթոռանիստ եկեղեցիին ժողովրդապետութեան շրջանին, Թարմունի Վրդ. երեք լեզուով հրատարակած է Bulletin diocésain-ը։ Դարձեալ Հելիոպոլսոյ Ժողովրդապետութեան Սրահին կողմէ հրատարակուած է Սրահի կեանքը ամսաթերթը` 1973 թ. Փետրուարէն սկսեալ, եւ բաշխուած է համայնքին բոլոր անդամներուն։ Հետաքրքրական եղած է նաեւ Պետրոս Վրդ. Թարմունիի երեք լեզուով հրատարակած Կապը` որուն 0-10 թիւերը լոյս տեսան միայն։ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերն ալ, տեսուչ Հ. Բարսեղ Վրդ. Ֆերհաթեանի խմբագրութեամբ` 1957, 1959-1960 եւ 1961 տարիներուն հրատարակած են Ուսումնարան տարեգիրքը։
278
ԻԷ. ԿՐԹԱԿԱՆ-ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքին կրթական-դաստիարակչական գործունէութիւնը կը սկսի 1849-1855 թթ., Արհի. Տ. Պօղոս Եպս. Աքթարեանի բացած փոքրիկ նախակրթարանով` ուր մանուկներուն կ’ուսուցանեն մայրենի լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը։ Յետագային, Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեան` իր առաջնորդութեան շրջանին, համայնքի զաւակներէն տասնեակ մը տղոց հայերէն լեզու դասաւանդած է։ Գահիրէի Ֆակկալա թաղամասը գտնուող` Պատրիարքարանին պատկանող թիւ 35 շէնքին մէջ, Արհի. Տ. Յովհան Գուզեանի ջանքերով, 1919-1920 տարեշրջանին` Ալոզիոս Վրդ. Պաթանեանի տեսչութեամբ, բացուած է մանչերու յատուկ դպրոց մը` «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» անունով, ուր դասաւանդած են նաեւ Վարդան Խաչերեան, Արսէն Խորասանճեան եւ Միքայէլ Մերզիպեան վարդապետները։ Այս վարժարանը գործած է չորս ուսումնական տարեշրջան եւ փակուած է եկամուտի անբաւարարութեան պատճառով։ Նոյն շէնքին մէջ` Արհի. Տ. Յակոբ Արք. Նեսիմեանի հրաւէրով, 1937 Սեպտեմբեր 1-ին կը հաստատուի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Վարժարանը։ Իսկ 1952-ին, Հելիոպոլսոյ մէջ կը գնուի ընդարձակ հողամաս մը` որուն վրայ կը կառուցուի երկյարկանի արդիական շէնք մը, ուր` 1953-1954 տարեշրջանէն սկսեալ կը գործէ որպէս օրինակելի կրթական հաստատութիւն` միշտ առաջին դիրքերը գրաւելով պետական քննութիւններու բոլոր հանգրուաններուն։
Ð³Û Ï³ÃáÕÇÏ¿ í³ñųñ³Ý ²Ý³ñ³ï ÚÕáõû³Ý øáÛñ»ñáõ£ سëݳ߿Ýù»ñ¿Ý Ù³ë ÙÁ »õ 18 ÇÝùݳ߳ñÅ»ñ¿Ý ù³ÝÇ ÙÁ ѳïÁ£
279
Աղեքսանդրիոյ Նապի Տանիէլ փողոցին վրայ, 1914 Սեպտեմբեր 21-ին բացումը կատարուած է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Վարժարանին։ Յաջորդ տարեշրջանին` գերմանացի քոյրերուն հեռացումին պատճառով, Անարատ Յղութեան Քոյրերը ժամանակաւորապէս կը հաստատուին Սէն Շարլ Պորրոմէ Վարժարանը, ապա, տարեշրջան մըն ալ` անոնք կը փոխադրուին «Ազիլ Ռուտոլֆ»-ի միջազգային ապաստարանի շէնքը. հուսկ, 1922 Սեպտեմբեր 2-ին կայք կը հաստատեն Շիւցի արուարձանը, եւ 1938-ին` Գան տը Սեզարի մէջ կը բանան իրենց Վարժարանին մասնաճիւղը։ Աղեքսանդրիոյ Իպրահիմիէ թաղին վարձու շէնքի մը մէջ, բարերար Յովհաննէս պէյ Մաթոսեանի հոգածութեամբ, տասնամեակ մը` 1924-1934 թթ., գործած է Մաթոսեան Որբանոցը` որ ձեռնհասօրէն վարած են Անարատ Յղութեան Քոյրերը, դաստիարակելով եւ կեանքի պատրաստելով 62 անչափահաս աղջիկներ։ Դարձեալ Աղեքսանդրիոյ մէջ, 1933 Սեպտեմբեր 2-ին, 60 աշակերտի հայերէն սորվեցնելու համար` Գերապատիւ Պօղոս Վրդ. Շիրիքճեան բացած է ամենօրեայ, սակայն մասնակի ժամանակով «Սենթ Անթուան» դպրոցը։ 1933 թ. Յունուարին, Աղեքսանդրիոյ մէջ ծնունդ կ’առնէ «Հայր Ալիշան» Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միութիւնը, որ խանդավառ քանի մը ձեռնարկներէ ետք, 1935-1936 տարեշրջանին, իր հաւաքավայրին մէջ կը բանայ երկսեռ դպրոց մը` նախակրթարանի չորս դասարանով։ Յաջորդ տարուան Սեպտեմբերին, այդ դպրոցը կը փոխանցուի Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան տնօրինութեան։ Հ. Քերովբէ Վրդ. Չրաքեանի տեսչութեամբ` տարեշրջան մըն ալ «Վարժարան Հ. Ղեւոնդ Ալիշան» անունով գործելէ ետք, յաջորդ տարիէն սկսեալ կոչուած է «Մխիթարեան Վարժարան», Գան տը Սեզար թաղամասին մէջ։ Տասնամեակ մը ետք, Վարժարանը արդէն փոխադրուած է Շիւց, ընդարձակ պարտէզով, երկյարկանի շէնքի մը մէջ։ Այդտեղ, խաղաղ միջավայրի մէջ դաստիարակուած են յաջորդական սերունդներ, երբ 1964 թ. Վարժարանը իր դռները ընդմիշտ փակեց` աշակերտութեան թիւին զգալի նուազումին պատճառով։ Այս ընդարձակ, գեղեցիկ կառոյցներով կալուածը` այլեւս դադրած է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան սեփականութիւնը ըլլալէ։ Վիեննական Մխիթարեան հայրերն ալ գործած են Գահիրէի եւ Հելիոպոլսոյ մէջ։ 1934 թ., Տարպ Էլ Կինենայի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Եկեղեցիի շրջափակին մէջ, Կարօ Պալեանի ճարտարապետութեամբ կառուցուած է եռայարկ դպրոցական արդիական շէնք մը։ 1955 թ., ժամանակաւոր կերպով, Վարժարանը փոխադրուած է Հելիոպոլսոյ Գլէոփաթրա փողոցի առանձնատուներէն մէկը։ Իսկ 1959-ին հանդիսաւոր կերպով կատարուած է ճարտարապետ Հրազդան Պալեանի յատակագծով պատրաստուած արդիական շէնքին հիմնարկէքը։ Ափսո՛ս, սակայն, որ բոլոր նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւնները` քանի մը տարուան համար եղան միայն. այս նորակերտ Մխիթարեան Վարժարանն ալ`
280
1964-1965 տարեշրջանին ձուլուեցաւ ղպտի կաթողիկէ համայնքի վարժարանին աշակերտութեան հետ, դառնալով անոր մասնաճիւղը։ Այդ թուականէն սկսեալ, ղպտի կաթողիկէ համայնքը կը պահպանէ վարձակալութիւնը։ Ժամանակի պահանջներէն հարկադրուած, յիշուած վարժարանները ծախւած կամ փակուած են։ Հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան առաքինազարդ քոյրերը կրցան պահպանել միայն Հելիոպոլսոյ տիպար վարժարանը` ուր այսօր ալ, անոնք նոյն նուիրումով կը շարունակեն իրենց օրինակելի դաստիարակութիւնը` սակայն այլ թեքումով։ Ներկայիս Վարժարանը կը գործէ մօտաւորապէս 3000 աշակերտուհիներով, գլխաւորութեամբ Քոյր Թէոտորա Մուրատեանի եւ չորս քոյրերու գործակցութեամբ։
î»ëã³Ï³Ý ϳ½Ù£ Ò³Ë¿Ý ³ç` øáÛñ Üáõ³ñ¹ êáõÙ³ù»³Ý` Ù³Ýϳå³ñï¿½Ç í³ñãáõÑÇ« øáÛñ ä³ÛÍ³é ²ýý¿« øáÛñ سÃÇÉï ü³ñáõ³ÅÇ« øáÛñ ¿áïáñ³ Øáõñ³ï` ïÝûñ¿ÝáõÑÇ« øáÛñ èÇó ¼³å³ñ»³Ý` ÷áË-ïÝûñ¿ÝáõÑÇ£ 1985-1987 տարիներուն, ամառնային շրջանին, կանոնաւոր հետեւողականութեամբ, Հելիոպոլսոյ Ս. Թերեզա Ժողովրդապետական սրահին մէջ, ժողովրդապետ Պետրոս Վրդ. Թարմունիի կողմէ հայերէն խօսակցական լեզու եւ հայոց պատմութեան դրուագներ ուսուցուած է մայրենի լեզուին անտեղեակ անձերուն։
281
ԻԸ. 2000-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Բովանդակ քրիստոնեայ աշխարհը` արդէն երեք տարիէ ի վեր, տենդագին նախապատրաստութեան մէջ է` Քրիստոսի ծննդեան 2000-ամեակը փառաւորապէս նշելու համար։ Նախապատրաստութեան մէջ են նաեւ աւետումն Ս. Աստուածածին Եկեղեցիին բարեպաշտ անդամները. արդարեւ, իրենց առաջնորդը` Արհի. Տ. Պետրոս Եպս. Թարմունի, Ուրբաթ երեկոներու հոգեշունչ քարոզներով կը վերապատրաստէ զիրենք։ Հելիոպոլսոյ Ս. Թերեզա Եկեղեցիին մէջ ալ` հոգեւոր հանդիպումները իրենց Եպիսկոպոսին հետ տեղի կ’ունենան Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ երեկոները։ Իր հոգեւոր առաքելութիւնը աւելի արդիւնալից դարձնելու ջանադրութեամբ, Գերապայծառը` Յունուարին Սուրբ Երկիր կատարած այցելութենէն վերադարձած է հոգեպարար տպաւորութիւններով։ Արդէն երեսուներեք տարի առաջ, ուխտաւորաբար Սուրբ Վայրերը այցելելէ ետք, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Պատրիարքական Փոխանորդ Արհի. Տ. Անդրէաս Եպս. Պետողլեանի եղբայրական հրաւէրով, Գերապայծառը կրկին առիթ կ’ունենայ նոյն վայրերը ծունկի գալու ջերմեռանդօրէն աղօթելու բոլոր հոգիներուն փրկութեան համար։ Սակայն, իր հոգին պարուրող գլխաւոր երեւոյթը կ’ըլլայ Քրիստոսի գերեզմանին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագը. ահա, անջնջելի յիշատակ մը...։ Գալով Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ համայնքին կացութեան մասին, Գերապայծառը կը յայտնէ` թէ ներկայիս շատ նօսրացած է, միայն թէ` տակաւին իրաւասու է 3-րդ եւ 4-րդ Խաչի ճանապարհին հոգեւոր հսկողութիւնը կատարելու։ Հետաքրքրական է յայտնել, թէ Երուսաղէմի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կառուցուած է 1885 թ., Արհի. Տ. Սերովբէ Եպս. Դաւթեանի ջանքերով։ Համայնքային կեանքէն զատ, Պատրիարքական մակարդակով ալ, հայ կաթողիկէ կղերը ներուժ գործունէութեան լծուած է. այսպէս, Զմմառի Տիրամօր Վանքին մէջ տեղի ունեցող Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին` քննութեան առարկայ դարձած են շատ կարեւոր հարցեր, որոնք դրական արդիւնքի հասցնելու համար` հոգեւին աշխատանք կը կատարուի։ Շատ մեծ աշխատանք պահանջող հարցերէն մէկն է, Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին` Տիեզերական Եկեղեցւոյ կողմէ, «Եկեղեցւոյ Վարդապետ» հռչակումը. մինչեւ հիմա երեսուներեք սրբասուն դէմքեր արժանի եղած են մեծ կոչումին, վերջինը` Մանուկ Յիսուսին Սրբուհի Թերեզան էր։
282
Աշխատանք պահանջող երկրորդ հարցն է` նահատակ Իգնատիոս Մալոյեան Արքեպիսկոպոսին երանացումը։ Նահատակ Մալոյեան` ժամանակ մը, որպէս ժողովրդապետ գործած է առաւելաբար Աղեքսանդրիոյ համայնքին մէջ։ Դարձեալ 2000-ամեակի Մեծ Յոբելեանի առիթով, Ի. դարու նոր Մարտիրոսներուն մէջ` պահանջուած է, որ յատուկ յիշատակութիւն կատարուի Մեծ Եղեռնի Զոհերուն մասին ալ։ Այս աշխատանքը կը գլխաւորէ Դամասկոսի Պատրիարքական Առաջնորդ Արհի. Տ. Յովսէփ Եպս. Առնաութեան։ Հոգեւոր կրթութիւնը աւելի հաստատ հիմերու վրայ դնելու մտահոգութեամբ` ձեռնարկուած է «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական»-ի թարգմանութեան։ Այս օգտաշատ աշխատանքը` ֆրանսերէն բնագիրէն, արեւմտեան հայերէնի կը թարգմանէ, ապա, արեւելեան հայերէնի կը վերածէ` Զմմառու միաբաններէն, Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեան։ Մասնաւոր Յանձնախումբի մը կողմէ պիտի հրատարակուի դպրոցական դասագիրքերու ամբողջական շարք մը` պարփակելու համար հայկական ծէսը, հայաբանութիւնը եւ քրիստոնէական վարդապետութիւնը։ Պարբերաբար կը քննարկուի նաեւ Հայաստանի Մկրտութեան 1700-ամեակի տօնակատարութիւններուն հարցն ալ, հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին արժանավայել կերպով նշելու համար։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցական կեանքին մէջ, ուշադրութեան արժանի մասնաւոր պարագայ մը պիտի ըլլար անշուշտ, անցեալ տարուան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութիւնը` ՀՀ Նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրաւէրներով։ Այսպէս, Եգիպտոսի երեքդարեայ Հայ Կաթողիկէ Համայնքը` իր բաղկացուցիչ բոլոր անդամներով, բարեկարգ եւ շէն եկեղեցիներով, ցնծութեամբ կը պատրաստուի նշել Փրկիչին աշխարհ գալուն 2000-րդ տարեդարձը։
Տեղեկատու, Գահիրէ Հոկտեմբեր 1999, նոր շրջան, թիւ 13, էջ 4-6 Յունուար 2000, նոր շրջան, թիւ 14, էջ 5-16
Ðñ³ï³ñ³Ïáõ³Í ¿ ǵñ»õ ³é³ÝÓÇÝ ·Çñù` ¶³ÑÇñ¿« Щ´©À©Ø©-¶³ÑÇñ¿ ê³Ã»ÝÇÏ Ö© â³·Áñ ÐÇÙݳ¹ñ³ÙÇ Ðñ³ï³ñ³ÏáõÃÇõÝ« 2001« 52 ¿ç£ ¶ÇñùÇÝ Ù¿ç ÏÁ ·ïÝáõÇÝ Û³õ»É»³É Éáõë³ÝϳñÝ»ñ` áñáÝù µáÉáñÝ ³É Áݹ·ñÏáõ³Í »Ý Ý»ñÏ³Û Ññ³ï³ñ³Ïáõû³Ý Ù¿ç£
283
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Թեմերու առաջին տարատեսակները ձեւաւորուած են քրիստոնէական համայնքներու հիման վրայ։ Թեմեր անուանումը յառաջացած է Է. դարուն, Բիւզանդական Կայսրութեան արեւելեան նահանգներու վարչական միաւորներու` թեմերու անունէն։ Խ. Պալեան, Զ. Յարութիւնեան, «Թեմ», Հայկական Սովետական հանրագիտարան, հատոր 4, Երեւան, 1978, էջ 165։ 2. Գեր. Սերովբէ Եպիսկոպոս Դաւթեան, Պատմական տեսութիւն Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Գահիրէ, 1914, էջ 14։ Այստեղ պէտք է աւելցնել, թէ` 1742 թ., Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան` Լիբանանի մէջ հաստատումէն առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան կաթողիկէ հայերը կը գտնուէին Կ. Պոլսոյ Լատին Պատրիարքական Փոխանորդին իրաւասութեան ներքեւ։ Այդ ժամանակ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին բաժին կ’իյնայ Կիլիկիան եւ Փոքր Հայքը, 1759ին` Սուրիան, եւ 1760-ին` Միջագետքը։ Եգիպտոս ենթակայ եղած է Հալէպի Առաքելական Փոխանորդութեան։ Մանրամասնութիւններու համար, տեսնել` P. Vartan Tekeyan, Le Patriarcat arménien catholique de Cilicie au temps de Grégoire Pierre VI (1812-1840), Beyrouth: Imp. Armén. Catholique, 1954, pp. 76-80. 3. Խաչիկ Վ. Աթանասեան, Վարք Աբրահամ-Պետրոս Ա. Կաթողիկոսի, Պէյրութ, 1959, էջ 161-162։ 4. Ճարտարապետ Հրազդան Պալեան, «Ներկայ ժամանակաշրջանի հայ ճարտարապետութիւնը Գահիրէի մէջ», զեկուցում` կարդացուած 1978 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ կայացած Հայկական արուեստի միջազգային երկրորդ գիտաժողովին։ 5. Խաչիկ Վ. Աթանասեան, Վարք Աբրահամ-Պետրոս Ա. Կաթողիկոսի, Պէյրութ, 1959, էջ 258-261։ 6. Գեր. Սերովբէ Եպիսկոպոս Դաւթեան, Պատմական տեսութիւն Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Գահիրէ, 1914, էջ 59։ 7. Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի, Գահիրէ, Ազգահամար հայոց ուղղափառաց որ իր Գահիրէ, 1885, արարեալ ’ի Գեր. Սերովբէ Եպ.է Դաւթեան, առթիւ ընտրութեան նորոգ վիճակաւորի վասն թեմի Աղեքսանդրիոյ Եգիպտոսի։ 8. Նոյն տեղը, Ազգահամար կաթողիկեայ հայ ժողովրդեան բնակելոյ ի Գահիրէ եւ գաւառս Եգիպտոսի բաց յԱղեքսանդրիոյ, յօրինեալ ի 1896 ամի։ ...յօրիեալ ի 1897 ամի։ ...յօրինեալ ի 1898 ամի։ 9. Գեր. Սերովբէ Եպիսկոպոս Դաւթեան, Պատմական տեսութիւն Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Գահիրէ, 1914, էջ 34։ 10. Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի, Գահիրէ, Ամուսնութիւնք, 1736-1945, 1941-1981։ Microfilm, պատրաստուած ձեռամբ Օր. Օտրի Մկրեանի, ԱՄՆ-ի Utah նահանգի հայկական Genealogical Society-ի կողմէ։ 11. Նոյն տեղը, Մկրտելոց Տոմար, 1737-1989, 1931-1972, 1972-1981։ Microfilm, պատրաստուած ձեռամբ Օր. Օտրի Մկրեանի, ԱՄՆ-ի Utah նահանգի հայկական Genealogical Society-ի կողմէ։ Դիւանը կը պահուին նաեւ` Ննջեցելոց, 1737-1944, Գերեզմանատան` 1939-1981, եւ Աղեքսանդրիա` 3 Microfilm-երը։ 12. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայերու Կաթողիկոս-Պատրիարք` Ամենապատիւ եւ
284
Գերերջանիկ Տ.Տ. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ., 25 Նոյեմբեր 1998 թուակիր նամակով իր հրաժարականը ներկայացուցած է Սրբազան Պապին` որ ընդունած է 1999 Յունիսին։ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը` Կաթողիկոսական Աթոռին մօտ հաւաքուած, ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին ընդառաջելով` հրաժարականը ի զօրու դարձուցած են 3 Սեպտեմբեր 1999-ին։ Քաղուած` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Հաղորդագրութիւնէն, 8 Սեպտեմբեր 1999։ 13. Մարտինի կոտորածներուն եւ նահատակներուն մասին` շահեկան են հետեւեալ աղբիւրները. - Եղբայր Եասենթ Սիմոն, Մարտին` հերոս քաղաք. խորան եւ շիրիմ Հայաստանի 1915-ի ջարդերուն ընթացքին, ներածութիւն` Գէորգ Վրդ. Եղիայեան, հայացուց` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Ճունիէ, Լիբանան, 1991, 210 էջ։ - Դոկտ. Ա. Պէյլերեան, «Դոմինիկեան միսիոնարի մը անտիպ մէկ վկայութիւնը 1915ի Մարտինի կոտորածներու մասին», Հայկազեան հայագիտական հանդէս, հատոր ԺԷ., Պէյրութ, 1977, էջ 81-83, 83-103, 103-106։ - P.V.M., ‘Documents sur les événements de Mardine (1915-1920)’ (offprint from SOC-Collectanea 29-30, 1996-1997). Նահատակութեան լուսապսակին արժանացողներու մասին կը խօսուի այլ եւ այլ էջերու մէջ, յատկապէս` էջ 207, կը ներկայացուի Մարտինի նահատակուած հայ կաթողիկէ կղերին ամբողջացուած ցանկը։ - Ara Sarafian, ‘The Question of Mardin During the Persecutions of the Christians, Especially the Armenians, 1915’, Հայկազեան հայագիտական հանդէս, հատոր ԺԸ., Պէյրութ, 1998, էջ 261-262, 263-269, արաբերէն բնագիր` էջ 272-291։ 14. Dr. Rouben Adalian, ‘Father Krikor Guerguerian: the Scribe of the Armenian Genocide,’ Journal, Armenian Assembly of America, Spring 1989, Vol. 16, No. 1, pp. 5, 10, 16. 15. Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Դիւանը կը գտնուի հինգ թերթէ բաղկացած ձեռագիր ցուցակ մը` ուր դասաւորուած կը գտնենք նախարարութիւններու, պետական վարչութիւններու, դարմատուներու, ընկերութիւններու եւ ազատ ասպարէզներու մէջ գործող երեւելի անձերու անունները։
285
ՊԱՐԿԵՇՏԱԳԵՂ ՀՌԻՓՍԻՄԷԻ ՎԿԱՅԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ
Համադրեց եւ արեւմտեան հայերէնի վերածեց` ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
ԴԻՈԿՂԵՏԻԱՆՈՍԻ ԿԱՄՔԸ
Այդ ժամանակները պատահեցաւ, որ Դիոկղետիանոս կայսրը կամեցաւ իրեն համար կին առնել. իր տէրութեան բոլոր կողմերը սկսան շրջիլ նմանահան ճարտար նկարիչներ` որոնք դէմքի գեղեցկութիւնը, մրազարդ յօնքերը` ճշգրտօրէն, հասակին յարմար, համապատասխան ներկերով կը նկարէին տախտակներու վրայ, որպէսզի թագաւորին ցոյց տան` անոր ի հաճոյս։ Հռոմ քաղաքը գալով, անոնք գտան վանք մը կոյսերու` որոնք լեռներու մէջ մեկուսացած, բուսակներ, ժուժկալ, պարկեշտ եւ սրբանուէր կիներ էին, քրիստոնէական հաւատքով լի, գիշեր եւ ցորեկ փառաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ իրենց աղօթքը առ Աստուած կ’ուղէին։ Անոնց գլխաւորին անունը` Գայիանէ1 էր, որ սան մը ունէր, թագաւորական տոհմէ` աստուածապաշտ մարդու դուստրերէն, Հռիփսիմէ2 անունով։ Երբ եկան հասան, բռնութեամբ մտան առաքինի կիներուն սուրբ կայանը, տեսնելով պարկեշտագեղ Հռիփսիմէն` ապշած սքանչելի տեսիլքով, զարմացած` նկարը տախտակի վրայ նկարեցին եւ թագաւորին հասցուցին։ Թագաւորը երբ տեսաւ Հռիփսիմէի կերպարանքի նկարին հիասքանչ վայելչութիւնը` կատաղի ցանկութեան տոփանքով լեցուեցաւ, որովհետեւ յիմար, մոլեգին, անկարգ ցանկութիւնը կը ստիպէր. եւ ան հարսնիքի ուրախութեան ժամ որոշելով, տագնապով շտապեց հարսանեկան ուրախութիւնը ընել։ Շուտափոյթ պատուիրակներ ուղարկեց բոլոր երկիրները, որպէսզի ամէնքը օժիտ եւ ընծաներ բերէին մեծ հարսնիքին, եւ մեծ ուրախութեամբ ամէնքը գային արքայական փեսային կարգը կատարելու` ըստ թագաւորական օրէնքներուն։ Առաքինի կոյսերը երբ տեսան թշնամիին գաղտնաձիգ նետերը` որով սովոր
286
էր քրիստոսասէր սուրբերուն հարուածել, հասկցան որ թագաւորը չարի գործիք դարձած է։ Որոգայթադիր թշնամին` հպարտացնելով թագաւորը, ամբարտաւանացնելով, կը գրգռէր զինք հալածանք յարուցելու Աստուծոյ եկեղեցիներուն դէմ, խելացնորեցնելով զինք` ստիպելով երկրպագել մեռելոտի ուրուականներուն ոսկեղէն ու արծաթեղէն, փայտեղէն, քարեղէն եւ պղնձակերտ արձաններուն պիղծ պաշտամունք կատարել։ Ամբարտաւանօրէն կը բարձրանար եկեղեցւոյ հաւատքի հաստատուն վէմը հարուածելու, սակայն վէմին չկրնալով բան մը ընել, վէմին վրայ ինք կը խորտակուի։ Այնուհետեւ ապաւինելով մոլեգին ամբարտաւանութեան` բազում եւ անչափ վնասներ կը հասցնէ Աստուծոյ եկեղեցիներուն։ Բայց երանելի, պարկեշտասէր Գայիանէն` սրբասնեալ Հռիփսիմէի եւ իրենց միւս ընկերուհիներուն հետ, սուրբ ուխտը յիշելով` իրենց ընտրած օրինաւոր կրօնքին զգաստութեան սրբութիւնը, կ’ողբային իրենց անձերը` նկարացոյց հրամանին պատճառով, որովհետեւ պիղծ եւ անօրէն թագաւորը պիտի տեսնէր իրենց պատկերները։ Ճգնութեամբ աղօթք մատուցեցին, բազումողորմ Տիրոջմէ օգնութիւն խնդրելով` փրկելու այն փորձութենէն, որ հասած էր իրենց։ Եւ անոնք` իրենց աղաչանքին մէջ այսպէս կ’ըսէին. Տէր տէրերու, աստուած աստուածներու, յաւիտենական Աստուած, Աստուած անճառ լոյսի` որ ամէն ինչ հաստատեցիր քու խօսքերովդ, ստեղծեցիր երկինքն ու երկիրը` անոնց բոլոր զարդերով, մարդը կերտեցիր հողէն եւ իմաստուն դարձուցիր, բազմացուցիր զայն երկրի վրայ, բոլոր դարերուն օգնական եղար անոնց` որ յուսացին քեզ։ Արդ, մեզի ալ օգնէ` Տէր, այն պատերազմին մէջ, որով կը նեղես մեզ` որպէսզի յաղթենք սատանայի նենգութիւններուն, որոգայթներուն եւ փառաւոր թող ըլլայ անունդ, Տէր, եւ եկեղեցիիդ զօրութիւնը բարձրանայ, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք պատուիրաններդ պահողներուն արքայութեան օթեւանները հասնելու։ Մեր լապտերներուն մէջ թող ձէթի պակաս չըլլայ եւ մեր սուրբ ուխտի հաւատքին ճրագները չհանգին։ Մեր ոտքերը չշեղին լուսագնաց շաւիղներէդ եւ մեր աչքերուն բիբերը չկուրնան ճշմարտութեան զուարթարար ճառագայթներէդ։ Տէր Աստուած մեր` որ առաքեցիր միածին Որդիդ, որ եկաւ ամբողջ աշխարհը լեցուց իմաստուն հոգիովդ, որպէսզի Իսրայէլի մէջ բոլորին աստուածատես դարձնէ։ Մենք լսեցինք` որ Ան ըսած է. «Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք մը փախէք. եթէ այնտեղէն ալ հալածեն` փախէք ուրիշ տեղ մը։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, պիտի չկրնաք սպառել Իսրայէլի քաղաքները` մինչեւ որ գայ Որդին մարդոյ»։ Արդ խնայէ Տէր, մեր անձերուն` որ ապաւինեցանք սուրբ անունիդ, որպէսզի
287
չխայտառակուինք հեթանոսներուն պղծութեան անարգանքով, մեր սուրբ զգաստութիւնը մի յանձներ անոնց վաւաշոտ, անօրէն ու շնաբարոյ լկտիութեան։ Արդ` Տէր, նայէ երկինքէն` քու սրբութենէդ, որպէսզի չըլլանք աւազի վրայ շինուած այն տունին նման, որ խարխլեցին պէս-պէս փորձութիւններու նեղիչ խռովութիւնները, այլ հաստատէ մեզ խաղաղութեան Աւետարանի ճշմարտութեամբ եւ առաջնորդէ մեզ քու կամքիդ համաձայն։ Մեզի հնարաւորութիւն տուր նահատակութեան բաժակը խմելու, որպէսզի` փոխարէնը առնենք պսակը, արդար դատաստանին օրը, երբ փառքդ յայտնուի։ Ատկէ ետք, սուրբ Գայիեանէն` Հռիփսիմէ սանով եւ միւս պարկեշտ ընկերուհիներով միասին գացին, հեռացան` փախուստ տալով, որպէսզի իրենց անձերը սրբութեամբ պահպանեն մեղսաթաթաւ, մեղանչական, անօրէն ու դիւական մարդոց խառնակութենէն եւ արժանի ըլլան յոյսի կենդանութեան, լոյսի յարութեան լիութեան հասնելու։ Անոնք ոչ թէ ժամանակաւոր մահէն կը փախչէին, այլ անտանելի կատաղի եւ անօրէն ցանկութիւններէն կը ճողոպրէին։ Տիրոջ անուան համար սահմանուած` իրենց անձերը պատրաստած էին բանտի կապանքներուն ու պատիժներուն, մահուան եւ սաստիկ նեղութիւններուն։
ԳԱՅԻԱՆԷ ԵՒ ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԷՆ ԿԸ ՓԱԽՉԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Այն ժամանակ անոնք եկան հասան Հայոց երկիրը` Այրարատ գաւառը, Վաղարշապատ քաղաքը` որ Նորաքաղաք3 ալ կը կոչուի, հայոց թագաւորներուն նստավայրը։ Այնուհետեւ մտան այգեստաններուն հնձանները` որոնք կը գտնուէին հիւսիս-արեւելեան կողմը։ Կը սնէին իրենց ունեցածը քաղաքը վաճառելով. իրենց հետ ապրուստի միջոցներ չունէին։ Իրենցմէ մէկը գիտէր ապակեգործութեան արհեստը` ապակեայ ուլունքներ կը պատրաստէր, որով իրենց օրական ապրուստի եւ պարէնի դրամը կը ճարէին։ Յունաց աշխարհին մէջ այն ժամանակ քիչ խռովութիւն չբարձրացաւ. ամէն կողմ լարուած կ’որոնէին, սուրհանդակներ կ’ուղարկէին` որ թերեւս կարենան գտնել զանոնք։ Մեծ Հայքի Տրդատ արքայի մօտ պատուիրակ եկաւ եւ Վաղարշապատ քաղաքին մէջ ներկայացաւ անոր, եւ Դիոկղետիանոսի հրովարտակը մատուցեց։
288
ԴԻՈԿՂԵՏԻԱՆՈՍ ԿԱՅՍՐԻՆ ՀՐՈՎԱՐՏԱԿԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ԴԷՄ Հրովարտակին պատճէնը այս էր.
Ինքնակալ կայսր Դիոկղետիանոսը` մեր սիրելի եղբօր եւ աթոռակից Տրդատին, ողջոյն։ Եղբայրութեանդ եւ մեր նիզակակիցին ի գիտութիւն` այն չարիքներուն մասին, որ ամէն օր մեզի կը հասնի քրիստոնեաներու խաբեբայ աղանդէն, որովհետեւ ամէն բանի մէջ կ’անարգուի մեր տէրութիւնը անոնց ուխտին կողմէ, մեր թագաւորութիւնը կ’արհամարհուի անոնցմէ, ոմն խաչեալ մեռեալ մը կը պաշտեն, փայտին կ’երկրպագեն, իրենց Աստուծոյ սիրոյն, մահը` փառք ու պատիւ կը համարեն։ Մեր արդար օրէնքներով կը դատապարտուին, որովհետեւ մեր նախնիներուն դառնացնելով ձանձրացուցին. մեր սուրերը բթացան, իսկ անոնք չզարհուրեցան մեռնելէ, որովհետեւ մոլորած են` խաչեալ հրեայի մը հետեւելով։ Կ’ուսուցանեն անպատուել թագաւորները, իսկ բուն աստուածներուն կուռքերը` անարգել։ Թէեւ տեսակ-տեսակ տանջանքներ տուինք իրենց, առաւել եւս բորբոքեցաւ եւ տարածւեցաւ անոնց աղանդը, անոնց արեան հեղումէն առաւել եւս ծաղկեցաւ ու բազմացաւ անոնց աղանդը։ Պատահեցաւ` որ անոնց ուսմունքին աղանդէն գեղեցիկ օրիորդ մը տեսնեմ. կամեցայ կնութեան առնել զինք, սակայն յանդգնեցան զայն եւս ինձմէ խորամանկօրէն հեռացնել։ Իբրեւ թագաւոր` անոնք ցանկութեամբ չփափաքեցան ինծի, ոչ ալ` իմ սաստիկ սպառնալիքներէս որեւէ վախ ունեցան, այլ` իրենց աղանդին պատճառով, աւելի աղտետի, պիղծ ու գարշելի համարեցին զիս, եւ սնուցիչ դայեակին միջոցով` թաքուն, անոր ուղարկեցին ձեր տէրութեան կողմերը։ Փութաջան եղիր եղբայր մեր, որպէսզի ուր ալ ըլլան այդ կողմերը, կարենաս գտնել անոնց հետքը, եւ անոր հետ եղողները` դայեակով հանդերձ, վրիժառութեամբ` մահուան արժանացնես, իսկ չքնաղագեղ կողմն ալ, այստեղ ինծի ուղարկես։ Իսկ եթէ անոր գեղեցկութիւնը քեզի հաճոյ թուի, այդտեղ մօտդ պահէ, որովհետեւ անոր նման մէկը չգտնուեցաւ մեր Յունաց աշխարհին մէջ։ Ողջ եղիր աստուածներու պաշտամունքով` ամենայն պատուով։ Սոյն հրովարտակին թուղթը երբ կարդացին, արքան խիստ հրաման տուաւ, պատուիրելով` որ իր իշխանութեան բոլոր վայրերը մանրակրկիտ խուզարկումով փութաջան որոնեն։ Տարբեր կողմեր շուտափոյթ սուրհանդակներ ուղարկեց, որպէսզի ուր ալ գտնեն` անմիջապէս մէջտեղ բերեն. իսկ ով որ գտնէր անոնց` կը խոստանար մեծամեծ պարգեւներով հատուցել։ Մինչդեռ Հայոց աշխարհին սահմաններուն քննութեան իրարանցումին մէջ
289
էին, այն սուրբ վկաները եկան թաքնուեցան արքայական նստավայրին մօտ, նոյն թագաւորական Վաղարշապատ քաղաքին մէջ։ Այն օրէն քիչ անց, որոնումներով` շուտով մէջտեղ բերուելով, յայտնի դարձան։ Սակայն` ճշմարտութիւնը եւ առաքինութեան նահատակները երբեք չէին կրնար թաքնուած մնալ, իրենք իրենց աղօթքներուն մէջ կ’աղաչէին, ինչպէս որ Տէրը ըսած էր իր սիրելիներուն, թէ «Ձեր բարի գործերը տեսնեն` որպէսզի ձեր Հայրը փառաբանեն, որ երկինքն է»։ Անոնք կը գտնուէին հնձաններուն մէջ` երբ յունաց մեծ թագաւորին հրովարտակը հասաւ Մեծ Հայքի արքայ Տրդատին, պակաս խռովութիւն չեղաւ Հայոց աշխարհին մէջ, որովհետեւ կը պահպանէին պողոտաներուն եւ գաւառներուն բոլոր անցքերը, եւ տարբեր կողմեր ելլելով` իրարանցումի մէջ կը փնտռէին. մէկը` տեսնելով զանոնք, կը պատմէ անոնց մասին։ Անոնց մասին երբ իրողութիւնը յայտնի դարձաւ, երկու օր վահանափակ շրջապատեցին զանոնք, հետեւակ զօրքի լեգէոնի մը յանձնարարելով` այնտեղ պահել անոնց` ուր որ կը գտնուէին։ Ապա, երկու օր յետոյ, Հռիփսիմէի պարկեշտութեան ու չքնաղ գեղեցկութեան համբաւը հռչակուելով` բազմամբոխ հրապարակներու մէջ կը տարածուի եւ ամէն մէկը միւսին իր զարմանքը կը յայտնէ։ Իսկ անոր գեղեցկութիւնը տեսնելու համար, խուռներամ բազմութիւնը կուտակուած-դիզուած կը հաւաքուի, նաեւ նախարարները եւ աւագանիին մեծամեծները անոր տեսութեան գալով` իրարու վրայ կը թափուին։ Ազնուական մարդիկ` խառնիճաղանճ ամբոխին հետ մէկտեղ կը դիզուին իրարու վրայ, իրենց վաւաշոտ, յիմար, ցոփ բարքերուն, այլանդակ միտքերուն, զեխ, հեթանոսական անառակ սովորութիւններուն պատճառով։ Իսկ երանելիները` երբ հասկցան անմիտ եւ վայրենաբարոյ մարդոց մտադրութիւնը, ողբաձայն արտասուքով ձեռքերը երկինք բարձրացուցին` ամենազօր եւ ամենակալ Տիրոջմէ փրկութիւն խնդրելու, որ առաջին անգամ փրկեց անոնց` չար, զազրելի հեթանոսներուն անօրէն պղծութենէն, որպէսզի այս մարտին ալ անոնց յաղթութիւն տայ եւ հաւատքի լուսաւորութիւն։ Երեսները ծածկելով` ինկած էին գետին եւ պառկած, ամչնալով լկտի ականատեսներէն, որոնք հաւաքուած էին զիրենք դիտելու։ Ատկէ ետք, թագաւորը զարմացուցին բազմաթիւ մտերիմ ականատեսները` որոնք եկած էին անոր գեղեցկութիւնը տեսնելու եւ թագաւորին պատմելու։ Միւս օրը` այգաբացին եւ նոյնիսկ աւելի կանուխ, թագաւորէն հրաման եկաւ` որ երանելի Հռիփսիմէն արքունիք տանին, իսկ սուրբ Գայիանէն այնտեղ պահեն` պարկեշտ ընկերուհիներուն հետ։ Արքունիքէն` շուտափոյթ, ոսկեպատ գահաւորակներ հասցուցին իսկոյն,
290
սպասաւորներով միասին, հնձանին դուռը` քաղաքէն դուրս, ուր անոնց կացարանն էր։ Արքունիքէն` ընտիր, գեղեցիկ, փափուկ եւ վառ զգեստներ, աչքառու զարդարանքներ մատուցեցին անոր, որպէսզի զարդարուի` շուքով ու պատուով մտնէ քաղաք, ներկայանայ թագաւորին. թէեւ ան չէր տեսած զինք, սակայն` համաձայն իրեն պատմուածներուն, մտածեց կնութեան առնել։ Սուրբ Գայիանէն երբ տեսաւ, իր սանին հետ սկսաւ խօսիլ եւ այսպէս ըսաւ. Յիշէ որդեակ իմ, որ ձգեցիր, լքեցիր հայրենի մեծապատիւ, շքեղաշուք, ոսկեկուռ գահդ, թագաւորական ծիրանիները, եւ ձգտեցար Քրիստոսի թագաւորութեան անանց ճառագայթարձակ լոյսին` որ արարիչն է, կեցուցիչ ու վերակենդանացնող, իրեն լուսացողներուն խոստացած անպատում բարիքները կը պահէ։ Եւ դուն` որդեակ, որ անարգեցիր անցաւոր կեանքիդ ծիրանին, արդ` ի՞նչպէս զգաստութեանդ սրբութիւնը կերակուր կու տաս շուներուն, այս օտար երկրին մէջ։ Սուրբ Հռիփսիմէն երբ տեսաւ չարերուն ամբոխը, եւ ինչ որ լսեց իր դայեակէն, հոգիի զէնքով զինավառուեցաւ` իր Տիրոջ զօրութեամբ։ Մեծաձայն ուժով ճչաց, եւ բազուկները խաչի նման տարածելով` սկսաւ բարձրաձայն ըսել. Ամենակալ Տէր Աստուած, որ արարածներդ ստեղծեցիր սիրելի եւ միածին Որդիիդ ձեռքով, երեւելի եւ աներեւոյթ արարածներու յօրինուածքներ կազմեցիր Սուրբ Հոգիի միջոցով։ Եթէ այն ատեն խաչին օրինակով փրկութիւն տուիր, ապա` հիմա ալ ըրէ նոյնը ճշմարտութեամբ խաչիդ` որուն վրայ բարձրացար եւ արիւնդ թափեցիր մեր ցաւերուն ի բժշկութիւն։ Թէպէտ մենք տկար եւ անարժան ենք, սակայն դուն, Տէր` պահէ մեր անձերը անվայել խայտառակութենէ։ Մարդասէր եւ քաղցր, որ մեզի օգնեցիր այս փորձութեան մէջ, զօրութեամբդ օգնէ մեզի յաղթելու, որովհետեւ քուկդ է յաղթութիւնը եւ անունդ կը յաղթէ` մեզի պահելու զգաստութեան յոյսով։ Ասով` մենք կը մտնենք արդարներուդ խումբերու թիւին մէջ եւ կ’առնենք վաստակներու վարձքը` որ պիտի տաս եւ հատուցես իւրաքանչիւրին, որ երկիւղիդ մէջ կը մնայ եւ կը պահպանէ հրամաններդ։ Արդ` երբ այս բոլորը եղաւ, ամբոխին բազմութիւնը աւելի կուտակուեցաւ. շատերը արքունի սպասաւորներ էին` որոնք եկած էին զինք արքունիք տանելու, նախարարներ եւ աւագանիի մեծամեծներ` որոնք եկած էին անոր շքադիր պատիւ տալու եւ հետը արքունիք երթալու, որպէսզի Տրդատ թագաւորին կնութեան տանին` Հայոց տիկինութեան համար։ Իսկ անոնք` արտասուագոչ, ձեռքերը ողորմագին երկինք բարձրացնելով`
291
կամակարար Տիրոջմէ կը խնդրէին փրկել զիրենք անօրէն, անարժան հարսնիքի պղծութենէն։ Բարձր աղաղակով, մեծաձայն կը ճչային եւ կ’ըսէին. Քաւութիւն ըլլայ մեզի, եթէ հարստութիւնը խաբէ մեզ, կամ հաճոյքը մեզ գայթակղեցնէ, հալածանքը նեղէ մեզ, եւ կամ ալ` հարուածներուն տանջանքը փորձութեան ենթարկէ, նոյնիսկ եթէ բիւր ձեւով տանջէք մեզ։ Արդեօք կը վախնա՞նք ահաւոր մահէն` որ պիտի բերէք մեզի. քաւութիւն ըլլայ` եթէ անցաւոր կեանքը փոխանակենք յաւիտենականին հետ, որ անանց է, եթէ ուրանանք Է-ին, Աստուծոյ` ամենաստեղծիչին, որուն տէրութիւնը` էութենէն հաստատուած է։ Ոչ խորութիւնները եւ ոչ բարձրութիւնները, ոչ վիշտերը եւ ոչ չարչարանքը, ոչ հուրը, ոչ ջուրը եւ ոչ սուրը, ոչ հարստութիւնները եւ ոչ աղքատութիւնը, ոչ կեանքը եւ ոչ ալ մահը, ոչ ոք չի կրնար հեռացնել մեզ Քրիստոսի սէրէն` որովհետեւ Անոր նուիրեցինք մեր կուսութիւնը, Անոր աւանդեցինք մեր սրբութիւնները, կը մնանք Անոր եւ Անոր ձգտելով կը սպասենք` մինչեւ որ կանգնինք Անոր գովութեան փառքին առջեւ, առանց ամօթի ու վախի։ Սաստիկ որոտում եղաւ երկինքը, ամբոխը ահաբեկեցաւ, լսուեցաւ ձայն մը` որ անոնց ըսաւ. Զօրացէք, քաջալերուեցէք` որովհետեւ ես ձեզի հետ եմ, անարատ վիճակի մէջ ձեզի հետ եմ. բոլոր ճանապարհներուն վրայ պահեցի ձեզ, անարատ վիճակի մէջ ձեզի հասցուցի մինչեւ այս տեղերը, որպէսզի այստեղ ալ` հիւսիսային կողմերու հեթանոսներուն առջեւ փառաւորուի իմ անունս։ Մանաւանդ դուն` Հռիփսիմէ, ըստ անունիդ նշանակութեան, մահէն դէպի կեանք նետուեցար4, Գայիանէի ու քու սիրելիներուդ հետ։ Մի վախնաք, կու գաք այն տեղը` ուր ես եւ իմ Հայրս պատրաստած ենք, ուրախութեան անքննելի տեղը, ձեզի եւ անոնց համար` որոնք ձեզի նման կ’ըլլան։ Այնպէս երկար որոտաց` մինչեւ որ մարդիկ անոր ահէն թմրեցան։ Իրարու վրայ դիզուած բազմութենէն շատեր, զիրար տրորելով` սպանեցին։ Երբ այս խառնաշփոթութիւնը եղաւ, արքունի մեծամեծ սպասաւորներէն ոմանք գացին թագաւորին պատմելու այս մասին, որովհետեւ այնտեղ կային գրագիրներ` որոնք գրի առին ամէն ինչ եւ կարդացին թագաւորին առջեւ։ Այս ատեն թագաւորը ըսաւ. Քանի որ իր կամքով չկամեցաւ գալ` պատիւով ու շքեղութեամբ, թող բռնի բերեն մինչեւ ապարանք եւ մտցնեն արքունի սենեակը։ Մերթ բարձրացուցած եւ մերթ քարշ տալով, սպասաւորները բռնի տարին սուրբ Հռիփսիմէն` որ աղաղակելով, կ’ըսէր.
292
Տէր Յիսուս Քրիստոս, օգնէ ինծի։ Անոր ետեւէն` ամբոխը փող կը հնչեցնէր, եւ այդ բազմութենէն` երկիրը կը թնդար։ Հռիփսիմէն տարին մտցուցին թագաւորին ապարանքը, իսկ երբ արգելափակեցին զինք թագաւորին սենեակին մէջ, Տիրոջմէ խնդրեց եւ ըսաւ. Տէր զօրութեանց, ճշմարիտ Աստուածը Դուն ես։ Կրկին անգամ Դուն ապրեցուցիր Քու աղախինիդ` Շուշանին5։ Դուն կրնաս զիս փրկել այս պղծութենէն, որպէսզի կարենամ վախճանիլ Քու մեծ անունիդ համար։ Մինչդեռ սուրբ Հռիփսիմէն այս աղօթքը Աստուծոյ կը մատուցանէր, Տրդատ թագաւորը եկաւ եւ սենեակ մտաւ. այն ատեն, բոլոր մարդիկ` ապարանքէն ներս եւ հեռաւոր փողոցներու մէջ, վեր-վեր թռչելով` սկսան միասին պարել եւ երգել։ Իսկ Տէր Աստուած լսեց Հռիփսիմէի աղօթքը, ուշադրութիւն դարձուց անոր վրայ, որպէսզի չկորսուի այն աւանդը` որ զգուշութեամբ պահած էր։ Երբ թագաւորը ներս մտաւ եւ փորձեց բռնի միջոցներով ստիպել զինք` իր ցանկութիւնը կատարելու, ան` զօրացած Սուրբ Հոգիով, գազանաբար ոգորելով` առնաբար կը մարտնչէր, ժամը երեքէն մինչեւ տասը մաքառելով. թագաւորը` որ շատ ուժեղ համարուած էր, կը պարտուի։ Ան` որ ամէն ինչով հռչակուած էր, այժմ` աղջիկէ մը պարտուեցաւ, յաղթուեցաւ Քրիստոսի կամքով եւ զօրութեամբ։ Պարտուած, յոգնած եւ թուլցած` դուրս եկաւ սենեակէն, վիզը պարան ձգուած` բերել տուաւ երանելի Գայիանէին, որպէսզի դուրսէն համոզէ Հռիփսիմէն, թէ` «կատարէ անոր կամքը, որպէսզի ապրինք` դուն եւ մենք»։ Գայիանէն յանձն առնելով խօսիլ իր սանին հետ, կը մօտենայ դրան եւ կը խօսի ներսը գտնուող Հռիփսիմէին. Որդեակ, Քրիստոս թող պահէ քեզ պղծութենէ եւ զօրավիգ ըլլայ. եթէ Աստուծոյ կեանքի ժառանգութենէն դուրս գաս` ժառանգելու համար անցաւոր աշխարհը, որ ոչինչ է, այսօր կայ եւ վաղը կը կորսուի։ Երբ իմացան` թէ Գայիանէ ինչպիսի խրատ տուաւ, քարերով հարուածեցին բերնին, մինչեւ որ ակռաները թափեցան, եւ կը ստիպէին որ թագաւորին կամքը կատարէ։ Իսկ ան` աւելի կը պնդէր, ըսելով. Քաջալերուէ, հաստատ կեցիր, որովհետեւ հիմա կը տեսնես Քրիստոսը` որուն կը փափաքէիր. որդեակ, յիշէ աստուածային խրատը` որով դաստիարակեցի քեզ։ Յիշէ երկնային խօսքը` որ այսօր իսկ լսեցիր, որ արժանի պիտի դարձնէ իր խոստացած պսակին։
293
Մինչդեռ թագաւորը Հռիփսիմէի հետ կը պայքարէր, Գայիանէ իր սանին հետ խօսեցաւ հռոմէացիներու լեզուով։ Ժամը տասնէն մինչեւ գիշերուան առաջին ժամը մարտնչելով, Հռիփսիմէ յաղթեց թագաւորին` Սուրբ Հոգիով զօրացած. թագաւորը թուլցած վար ինկաւ` իր արքայական զգեստներէն մերկացած։ Թէեւ Հռիփսիմէի զգեստն ալ բզիկ-բզիկ պատռտած էր, սակայն ան իր անձը յաղթող պահեց սրբութեամբ։ Դռները ուժով բանալով, Հռիփսիմէ դուրս եկաւ, մարդոց ամբոխը ճեղքեց, ոչ ոք կրցաւ յաղթահարել իրեն։ Քաղաքին մէջէն ընթանալով, արեւելեան կողմի Արեգ դռնէն ելաւ, գնաց հնձանին մօտ` ուր իրենց կացարանն էր, ընկերուհիներուն ողջունեց, եւ ինք գնաց քաղաքին հիւսիս-արեւելեան կողմը` աւազուտ վայր մը, պողոտային մօտիկ, որ Արտաշատ քաղաքը կը տանէր։ Երբ այստեղ հասաւ, Հռիփսիմէ ծունր դրաւ, սկսաւ աղօթել եւ ըսաւ. Տէր ամենայնի, ո՞վ կրնայ հատուցել Քեզի` մեզի շնորհած բարիքներուդ դիմաց, որովհետեւ հաստատ պահեցիր Քեզի նկատմամբ ունեցած մեր գազանին պիղծ ժանիքներէն` որ կ’ապականէր մեզ. փոխարէն` ինչ կրնանք հատուցել, եթէ ոչ մեր անձերը, որովհետեւ Դուն ինքդ արժանի ըրիր մեզ Քու ծառայութեանդ, Քու անունդ կրելու, որով ապրեցուցիր մեզ, քանի որ բացի Քեզմէ` Տէր, ուրիշ ոչ ոք կը ճանչնանք եւ Քու անունդ կ’արտասանենք շարունակ։ Արդարեւ, Տէր, ցնծացինք եւ ուրախ եղանք այս պատերազմին համար` որ մեզի վիճակուեցաւ Քու սիրովդ մարտնչելու, որովհետեւ յաղթեց ամենայաղթ զօրութիւնդ եւ մեզի ալ յաղթել տուաւ։ Տէր, նայէ ժառանգութեանդ եւ ձեռքի գործերուդ, առաջնորդէ մեզ վերին քաղաքդ` ուր պիտի հաւաքես բոլոր արդարները, սուրբերը եւ անունդ սիրողները։ Թող Տէր Աստուծոյ լոյսը մեր վրայ ըլլայ։
ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՒ ԳԱՅԻԱՆԵԱՆՑ ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Նոյն գիշերը շուտափոյթ այնտեղ հասան` վառուած ջահերով, իշխանները, դահճապետը` դահիճներով միասին. իսկոյն մօտեցան Հռիփսիմէին` ձեռքերը ետեւ կապեցին, կ’ուզէին լեզուն կտրել, իսկ ան` կամովին, լեզուն անոնց մեկնեց։ Ապա, անոր պատառոտուն հանդերձները հանեցին, գետինը` չորս ցից զարնելով, երկուքը` ոտքերէն, միւս երկուքն ալ` ձեռքերէն կապելով` պրկեցին զինք. կանթեղները մօտեցուցին` ժամերով այրեցին ու խորովեցին անոր մարմինը։ Անոր գոգը քարեր լեցուցին, աղիքները դուրս թափեցին, եւ երբ տակաւին կենդանի էր` երանելիին աչքերը փորեցին։ Ապա, մաս-մաս յօշոտեցին զինք, ըսելով.
294
Ով որ կը համարձակի արհամարհել եւ անարգել թագաւորին հրամանները` ասոր նման կը կորսուի։ Աւելի քան եօթանասուն մարդ` այրեր եւ կիներ, այնտեղ հասան, անոր մարմինին մասերը հաւաքելու եւ թաղելու մտադրութեամբ, սակայն, անոնց ալ սուրի քաշելով` կոտորեցին երեսուն-երկու հոգի։ Կոյսերը միաբերան աղօթելով, կ’ըսէին. Փառք քեզ, Տէր, որ չզրկեցիր մեր անարժանութիւնը Քու բարիքներէդ. ով մարդասէր` որ պահեցիր մեզ աչքի բիբի նման եւ թեւերուդ հովանիին տակ ազատեցանք բազմութեան անօրէնութենէն։ Ահա կը մեռնինք փառաւորեալ անունիդ համար։ Բոլորը միաժամանակ կոտորուեցան, իսկ մէկը` հնձանի ներսը սպանեցին, որ կեանքէն հրաժարելու պահուն ըսաւ. Գոհանամ Քեզմէ, Տէր բարերար, որ զիս ալ չզրկեցիր որովհետեւ հիւանդ էի չկրցայ քալել եւ ընկերներուս հետ ըլլալ։ Սակայն Դուն` մարդասէր եւ քաղցր Տէր, իմ հոգիս ալ ընդունէ եւ խառնէ սուրբ վկաներուդ գունդին, ընկերուհիներուս ու քոյրերուս բանակին, աղախինիդ եւ մեր մայր Գայիանէ գլխաւորին, եւ Քեզ սիրող ու մեր որդեակ Հռիփսիմէի մօտ։ Այսպէս խօսելով` ան վախճանեցաւ։ Անոնց բոլորին մարմինները` դուրս քաշելով, ձգեցին` որպէսզի կեր դառնան քաղաքին շուներուն, գազաններուն եւ երկինքի թռչուններուն։ Իսկ թագաւորը մոռցած էր նուաստացումը` որուն համար պէտք է ամչնար. Աստուծոյ կամքով` աղջիկէ մը պարտուեցաւ, սակայն, ան չէր մտածեր ամօթալի անպատուութիւններուն մասին, այլ միայն անոր գեղեցկութիւնը տեսնելու ցանկութեամբ վառուած, տրտմած էր աղջկան մահուան համար եւ տխուր` կը սգար։
Տեսէք, - կ’ըսէր ան, - ինչպէս քրիստոնեաներու կախարդական աղանդը մարդկային բազմաթիւ կեանքեր կը խլէ` զանոնք հեռացնելով աստուածներու պաշտամունքէն։ Անոնք կ’արգիլեն երկրաւոր կեանքի վայելքները եւ մահէն չեն դողար. ասիկա կ’ըսեմ` մանաւանդ սքանչելի Հռիփսիմէին համար, որ աշխարհի մէջ իր նմանը չունէր, սիրտս անոր հետ է եւ ամենեւին միտքէս դուրս չի գար` քանի ես կենդանի եմ։ Ոչ մէկ տեղ տեսած եմ նմանութիւնը այսպիսի գեղեցկութեան` որ կորսնցուցին այդ կախարդները, որովհետեւ այնպէս զօրացան կախարդանքները` մինչեւ որ ինծի ալ յաղթեցին։ Վաղ առաւօտեան թագաւորին մօտ եկաւ դահճապետը` Գայիանէի սպանութեան համար հրաման առնելու. իսկ ան` սիրոյ պատճառով յուզուած, յիմարացած եւ ապշած ըլլալով, չյիշեց սուրբ Հռիփսիմէի մահը` կարծելով թէ կենդանի է
295
տակաւին։ Թագաւորը` աւագութեան, բարձր ու պատիւի պարգեւներ կը խոստանար անոր` որ կարենար հնար գտնել աղջիկը համոզելու, որպէսզի իր մօտ գայ։ Դահճապետը այսպէս կը պատասխանէ անոր. Արքայ` աստուածներուն եւ թագաւորներուն հրամանները անարգողները այդպէս կը կորսուին. սակայն, դեռ կայ այն կախարդը` որ ապականելով կորսնցուց չքնաղագեղ աղջիկը, կան նաեւ իր երկու ընկերուհիները։
Թագաւորը երբ լսեց սուրբ Հռիփսիմէին մեռած ըլլալը` տրտմութեան մէջ խորասուզուեցաւ եւ գահէն իջնելով` գետինը նստաւ, կու լար եւ կը սգար։ Ապա, հրաման տուաւ առաքինի Գայիանէին մասին` նախ լեզուն ծոծրակէն հանել, յետոյ սպանել, քանի որ համարձակած էր իր վնասակար խորհուրդներով կորստեան մատնել այն կոյսը` որ աստուածներու գեղեցկութիւնը ունէր մարդոց մէջ. ասոր համար անհրաժեշտ նկատեց տանջամահ ընել։ Հարաւային դրան մօտ` որ դէպի Մեծամօրի կամուրջը կը տանի, ուր սովորաբար տեղի կ’ունենան մահապատիժները, չորսական ցից տնկեցին, եւ շղթայակապ բերին Գայիանէն` ընկերուհիներուն հետ որ այսպէս խօսեցաւ. Տէր, մեզի արժանի դարձուցիր անուանդ համար մեռնելու, յարգեցիր մեր հողեղէն էութիւնը` որպէսզի արժանի ըլլանք աստուածութեանդ, եւ ինծի ալ մասնակից դարձուցիր սուրբ նահատակներուդ` Հռիփսիմէի եւ անոր ընկերուհիներու մահուան. արդ, կը շտապեմ եւ կը փափաքիմ հասնիլ անոնց` որոնք սիրեցին Քեզ։ Ուրախ եմ` որ կը հասնիմ իմ դուստր եւ որդեակ Հռիփսիմէին, քոյրերուս եւ ընկերուհիներուս ետեւէն։ Յաղթութիւնդ մեզի տուր, իսկ չարը` իր գործակիցներով միասին, կ’ընկճուի փառքիդ ահէն։
Մօտեցան եւ պատառոտեցին անոնց հանդերձները, եւ իւրաքանչիւրը` չորս ցիցի վրայ պրկեցին. մորթերը ծակեցին, ոտքերուն կողմէ խողովակներ խրեցին եւ փչելով` ողջ-ողջ մորթազերծ ըրին մինչեւ ստինքները. ապա, ծոծրակները ծակելով` լեզուները այնտեղէն դուրս քաշեցին։ Քարեր լեցուցին անոնց գոգերը, եւ աղիքները` որովայնէն դուրս թափեցին, եւ որովհետեւ դեռ կենդանի էին` սուրով կտրեցին անոնց գլուխները։ Հռովմէացիներու երկրէն անոնց հետ Հայաստան եկած անձերը` բոլորը միասին եօթանասուն հոգի էին. իսկ նահատակներու թիւը` սուրբ տիկիններ Գայիանէի եւ Հռիփսիմէի հետ, ընդամէնը երեսունեօթը հոգի։ Սուրբ Հռիփսիմէն նահատակուեցաւ Հոռի ամսուան քսանվեցին, նահատակակից երեսուն երեք ընկերուհիներով. իսկ Հոռի ամսուան քսանեօթնին` սուրբ Գայիանէն իր երկու ընկերուհիներով, որոնք իրեն հետ մարտնչեցան, պսակներ ընդունեցին եւ առին յաղթութեան թագը։
Տեղեկատու, Գահիրէ, Ապրիլ 2001, նոր շրջան, թիւ 19, էջ 8-13
296
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆԵՐ
1. Լատինական ծագումով իգական այս անձնանունին մասին` բանասիրական գրականութեան մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ բացատրութիւններուն. ա. Հայոց անձնանունները ստուգաբանող մեծագոյն լեզուաբանը` Հրաչեայ Աճառեան կը յայտնէ` թէ «յունալատինական անուն է, որ անշուշտ լատիներէն Gaïanus անուան իգական ձեւն է»։ Տես` Հայոց անձնանունների բառարան, Երևան, Պետական Համալսարանի Հրատարակչություն, 1942, հատոր Ա., էջ 443։ բ. Լատինագէտ Վենետիկեան Մխիթարեան մը աւելի մանրամասն կը ներկայացնէ այս անունին ծագումը. ԳԱՅԻԱՆԷ բնիկ հռոմէական անուն է։ Հեթանոս Հռոմի մէջ երբ երախայ մը ուրիշին որդեգիր կ’ըլլար, իր անունին վրայ կ’աւելցնէին իան մասնիկը, այսպէս` Յուլիոս-Յուլիանոս, ՄարկոսՄարկիանոս, Փլաւիոս-Փլաւիանոս, Մաքսիմոս-Մաքսիմիանոս, Գայիոս-Գայիանոս։ Վերջին անունին իգականն էր` Գայիա, որուն որդեգրական ձեւն է` Գայիանա։ Բնական է յիշեալ որդեգրական անունները` վերջերը սկսան իբր պարզ անուն գործածուիլ։ Թերեւս Հայոցս մականուններուն եան վերջաւորութիւնը եւս այսպիսի ծագում ունի, զի հայը եւ լատինը հնդեւրոպական արմատէ սերող երկու եղբայր ժողովուրդներ են։ Տես` Յարութիւն Աստուրեան, Դոկտոր Դպրութեանց, Պատմութիւն հայոց. սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը. քննական հիմով, (Պէյրութ), 1963, էջ 64։ գ. Ուրիշ լատինագէտ Վիեննական Մխիթարեան վարդապետ մը` լեզուականօրէն աւելի կը մանրամասնէ յիշեալ անունին ծագումը. Աւանդութիւնը հռոմայեցի գիտէ Հռիփսիմէն եւ Գայիանէն. վերջինս հաւանօրէն լատիներէն Cajus, Gaïus, իգական Gaïa անունն է, -էն յաւելուածով (հմմտ. նաեւ լատիներէն Gaïanus, Cajanus ածական ձեւը)։ Տես` Հ. Ն. Ակինեան, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ. 219-249 (մահուան 1700 ամեակի առիթով)», Հանդէս ամսօրեայ, 1949, թիւ 4-12, էջ 34։ դ. Վարքագրական աւելի նոր հրատարակութեան մը մէջ, ուրիշ Մխիթարեան վարդապետ մը` կը կրկնէ նոյն կարծիքը, թէ Gaiana վստահաբար Gaia անունին նուազականն է։ Տես` Paolo Ananian, Bibliotheca Sanctorum, Città Nuova Editrice, v. XI, 1968, p. 210։ 2. Դարձեալ բանասիրական գրականութեան ապաւինած` կը ներկայացնենք հետեւեալ բացատրութիւնները. ա. Հրաչեայ Աճառեանին կարծիքով` «անշուշտ օտար լեզուէ փոխառեալ բառ է, բայց աղբիւրը անյայտ է»։ Տես` Հայոց անձնանունների բառարան, Երևան, Պետական Համալսարանի Հրատարակչություն, 1946, հատոր Գ., էջ 100։ բ. ՀՌԻՓՍԻՄԷ անունը կը գործածուէր Գոթաց մէջ, որոնք հռոմէական պետութեան ամէն կողմ տարածուած էին այդ դարուն։ Տես` Յարութիւն Աստուրեան, Դոկտոր Դպրութեանց, Պատմութիւն հայոց. սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը. քննական հիմով, (Պէյրութ), 1963, էջ 64։ գ. Միայն հետաքրքրութեան համար, այստեղ կը նշենք նաեւ գիտնական վարդապետին հաղորդած տեղեկութիւնը` թէ Ղփտիք զՀռիփսիմէ գրեն Արփիսիմա, զԳայիանէ` Աղաթա։ Տես` Հ. Ղ. Ալիշան, Արշալոյս քրիստոնէութեան հայոց, Վենետիկ, ի Սուրբ Ղազար, 1901, էջ 136։
297
3. Վրացական աղբիւրի մը մէջ, յիշեալ քաղաքին մասին կը կարդանք հետեւեալ տեղեկութիւնը. Նոր-Քաղաք (Ախալքալաք) կոչուած տեղն փառակերտ, որ է Դուին, հայոց թագաւորի աթոռանիստը։ Տես` Պրոֆ. Դր. Լ. Մելիքսեթ-Բեկ, Վրաց աղբյուրները Հայաստանի յեվ հայերի մասին (Ե-ԺԲ դար), Յերեվան, Հրատարակություն Մելքոնյան Ֆոնդի, 1934, հատոր Ա., էջ 170։ 4. ՀՌԻՓՍԻՄԷ անձնանունին բացատրութեան համար, այստեղ կը մէջբերենք Ագաթանգեղոսի Հայոց պատմութիւնէն համապատասխան հատուածը. Եղեալ որոտումն յերկնից... եւ ձայն զի ասէր առ նոսա, թէ Զօրացարուք... մանաւանդ դու, Հռիփսիմէ, ըստ անուանդ քում արդարեւ «ընկեցեալ» եղեր... ի մահուանէ ի կեանս։ 5. Շուշանի պատմութեամբ հետաքրքրուողները կրնան կարդալ Մարգարէութիւն Դանիէլի գիրքին` ԺԳ. գլխուն, 1-64 համարները։
298
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԽԱՉԱԶԳԵԱՑ ՎԿԱՆԵՐԸ
Հայերու Քրիստոնէութեան Դարձի 1700-ամեակին կապակցութեամբ, արդէն Տեղեկատուի ընթերցողներուն ներկայացուցած էինք Աստուծոյ երանելի այրին` Մեծն Գրիգորիոսի վարքին քանի մը դրուագները, քաղուած, համադրուած եւ արեւմտեան հայերէնի վերածուած Ագաթանգեղոսի Հայոց պատմութիւն հատորէն1, նոյն առիթով` ծանօթացուցած էինք նաեւ վարքին անզուգական հեղինակը2։ Ներկայացուող վկայաբանութիւնը` թէեւ պատերազմայաղթ Հռիփսիմէի անունով կոչեցինք, սակայն` այստեղ ամփոփեցինք նաեւ Գայիանէի եւ միւս երանելի կիներուն պսակումն ալ։ Քանի որ մեր խօսքը վարքի եւ վկայաբանութեան մասին եղաւ, ուրեմն, պահ մը կանգ պիտի առնենք` միջնադարեան գրական այդ տեսակներուն տիպաբանական բնութագրումը տալու համար։ Գրականագէտները` սրբախօսական գրականութիւն անունի տակ խմբաւորած են վարքերը, վկայաբանութիւնները եւ ներբողեանները։ Վկայաբանութիւնը եւ վարքը` քրիստոնէութեան հետ ծնունդ առած են միաժամանակ։ Վկայաբանութիւնները երեւան եկած են քրիստոնեաներու դէմ յարուցուած մեծ հալածանքներու շրջանին, որոնք քրիստոնեայ նահատակներուն նուիրուած պատումներ էին. իսկ վարքերը` պատումներ են կեանքը խաղաղ աւարտած եկեղեցական հայրերու, կամ բարեպաշտ մարդոց մասին3։ Քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին պետութիւններէն էր Հայաստան` որ շատ կանուխ որդեգրած է սրբախօսական այս երկու սեռերը, որոնց առաջին յուշարձանները երեւան եկած են հայ ինքնուրոյն գրականութեան սկզբնաւորումի շրջանին, մեծ նպաստ բերելով գեղարուեստական արձակի ձեւաւորումին։ Ասորական եւ յունական սրբախօսութիւններու հարիւրամեայ զարգացումի փորձը իւրացնելով, սրբախօսական հայերէն յուշարձանները` սկիզբէն իսկ, ազգային երանգ ստացած են, եւ ձեռք բերած են որոշակի իւրայատկութիւններ4։ Հայ վկայաբանութեան ամենահին յուշարձանները` հերոսի կերպաւորումի առումով, իրենց վրայ կը կրեն ասորա-յունական յուշարձաններուն ուժեղ ազդեցութիւնը։ Անոնց, ինչպէս նաեւ նոյն տիպի թարգմանական յուշարձաններուն դերը եղաւ այն, որ այդ բոլորին շնորհիւ, Ե. դարէն սկսեալ, արդէն հայ գրականութիւնը ունեցաւ յուզականութեամբ յագեցած ստեղծագործութիւններ5։ Որպէս իսկական սրտաշարժ ստեղծագործութիւն, իր թատերայնութեամբ ուշադրութիւն կը գրաւէ հայ վկայագրութեան լաւագոյն յուշարձաններէն մէկը`
299
ê© ÐéÇ÷ëÇÙ¿Ç ï³×³ñÁ« ¾çÙdzÍÝÇ ßñç³Ý
î³×³ñÇÝ ³ñï³ùÇÝ »ñ»õáÛÃÁ« ¶Í³Ýϳñ` Kenneth J© Conant-Ç
3© î³×³ñÇÝ Û³ï³Ï³·ÇÍÁ« ä³ïñ³ëï»ó ²© ʳã³ïñ»³Ý£
300
Ագաթանգեղոսի Հռիփսիմեանց վկայաբանութիւնը. հերոսի կերպարը ձեռք կը բերէ` շրջանին համար բնորոշ, «մոնումենտալութիւն» եւ ամբողջականութիւն. ան իսկական հերոսական կերպար է։ Հռիփսիմէ պատրաստ է զոհուելու յանուն իր հաւատքին` որ զինք օժտած է գերբնական ոյժով։ Ագաթանգեղոս` այդ պահանջը կրցած է ներկայացնել այնպէս, որ Հռիփսիմեանց վկայաբանութիւնը կ’ընկալուի որպէս վիպական սրտաշարժ պատում։ Հռիփսիմէի յայտնաբերումի տեսարանէն սկսելով, մինչեւ անոր վկայութիւնը` զիրար փոխարինող գործողութիւններու եւ գունագեղ տեսարաններու շարան մըն է. ժողովուրդի եւ նախարարներու իրարանցում երբ Հռիփսիմէի գեղեցկութեան համբաւը իրենց կը հասնի, երկինքի որոտ եւ ժողովուրդի ահաբեկուածութիւն, Աստուծմէ զօրութիւն խնդրող եւ աղաղակող Հռիփսիմէն` որ բռնի պալատ կը տանին, Հռիփսիմէի եւ Տրդատի միջեւ սկիզբ առած պայքարը` Հռիփսիմէի յաղթանակը եւ վկայութիւնը, ամէն ինչ պատկերուած շարժումի` գործողութեան մէջ։ Ագաթանգեղոսի Հռիփսիմեանց վկայութիւնը` «իր հիւթեղ եւ պատկերաւոր լեզուով, վիպական ոճի օգտագործմամբ, գործողութեան դրամատիզմով եւ սուր զգացմամբ, յոյզերի առարկայական պատկերմամբ, պատումի սխեմատիզմի բացակայութեամբ` հայ վկայաբանութեան մէջ իր հաւասարը չունի»6։ Հայ-վրացական եղբայրական դարաւոր յարաբերութիւններուն շնորհիւ, վրացական պատմական եւ վարքագրական գրականութեան մէջ ալ կարելի է գտնել մեզ հետաքրքրող նիւթին մասին ակնարկութիւններ. այսպէս, հմուտ վրացագէտ Լ. Մելիքսեթ-Բեկի ջանասիրութեամբ` հետաքրքրական հատուածներ հայերէնի թարգմանուած են Վրաց դարձի պատմութիւնէն7, եւ ԺԱ. դարու վրացի հեղինակի մը աշխատութենէն8։ Վաստակաշատ թարգմանիչը կը նշէ` թէ Վրաց դարձի պատմութիւնէն զատ, Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց պատմութիւնը գոյութիւն ունի վրացերէն զանազան «վերսիաներով». ա. իբրեւ մասն Գրիգոր Պարթեւի վարուց։ բ. իբրեւ ուրոյն վկայաբանութիւն Հռիփսիմէի, Գայիանէի եւ այլոց9։ Տրդատի, Գրիգորի եւ Հռիփսիմէի մարտիրոսութեան մասին` ուղղակի Ագաթանգեղոսի բնագրէն քաղուած, շատ գեղեցիկ նկարագրութեան մը կը հանդիպինք` ժամանակ մը նոր Ջուղայի մէջ գործած անգլիացի միսիոնարի մը հետազօտութեան մէջ10։ Պատմական մատեաններու մէջ թափառայած շրջագայելու տեղ, այստեղ կը բաւականանանք միայն Սեբէոս պատմիչին նկարագրութեամբ` Սրբուհի Հռիփսիմէի տաճարի շինութեան11, եւ Սրբուհի Հռիփսիմէի նշխարներուն գտնուելուն մասին. Եւ եղաւ Քսաներորդի ութերորդի Ապրուէզ Խոսրովու քակեաց կաթողիկոսն Կոմիտաս
301
զմատուռն սրբոյն Հռիփսիմէի ի Վաղարշապատ քաղաքի, զի կարի ցած էր եւ մթին շինուածն որ շինեալ էր ի Սահակայ կաթողիկոսէն։ ...մինչդեռ քակէին զորմն մատրանն հանդիպեալ պատահեցան... գանձ բոլորասեր, լուսաւորիչ, չքնաղագեղ, արքայական մարգարտին, այսինքն կուսական մարմնոյն, սրբոյ տիկնոջն Հռիփսիմեայ։ Եւ քանզի անդամ անդամ յաւշեցին զնա յաւդեալ ի միմեանս զյաշուած անդամոցն մեծի ճարտարապետին, երանելոյ քահանայապետի սրբոյն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորիչի։ Եւ կայր գլուխն հերովն հանդերձ ի վերայ պարանոցի պնդեալ եւ եդեալ։ Նոյնպէս եւ զբազուկն ուսովքն հանդերձ, եւ զբարձսն, եւ բոլորովին իսկ զամենայն փորոտին ի ներքոյ կողիցն ամփոփեալ, եւ յարմարեալ զամենայն անդամսն զաւդուածացն ըստ կարգի իւրում...։ Եւ կային թաթք ձեռացն եւ մատունքն ի վերայ լանջացն զաւրէն մեռելոյ։ Նոյնպէս եւ ծունկք սրբոյն եւ ոտքն եւ մատունք ոտիցն եւ զամենայն մարմին երիզապատեալ կտաւաւք հանդերձ նորուն պատառոտուն հանդերձիւն...»12։ Հռիփսիմեանց պատկերագրութեամբ հետաքրքրուողներուն համար, կ’արժէ յիշատակել միջնադարեան Վրաստանի համբաւաւոր վանքերէն` Դաւիթգարեջայ մայրավանքին վիմափոր մեծ սեղանատան, հիւսիսային պատին վրայ եղող ուշագրաւ fresco-ն, ուր ներկայացուած են երկու աղջիկներ, վրաց եկեղեցական երկաթագիր` համապատասխան մակագրութիւններով. «ծյ. Րիփս իմե» եւ «մոցիքուլի քարթ...»13։ Վրացագէտ Լ. Մելիքսեթ-Բեկ` 1921 եւ 1929 թուականներու այցելութեան ընթացքին տեսած է այդ անծանօթ մնացած fresco-ն եւ կրցած է վերծանել մակագրութիւնները. «ծմիդայ Ռիփսիմէ», սուրբ Հռիփսիմէ, եւ «մոցիքուլի քարթուելթա Նինո», վրաց առաքելուհի Նունէ։ Ուշագրաւ երեւոյթ է` որ հայ թատերական առաջին ներկայացումին նիւթը եղած է Հռիփսիմէ ողբերգութիւնը. այդ թատրերգութիւնը մեզի հասած է երկու ձեռագրերով. ա. Սրբոյն Հռիփսիմէի Մարտիրոսութիւն. Անդրանիկ հայ ողբերգութեանց, անտիպ թատրերգութիւն հանեալ ի հասարակաց գրատնէն Վենետկոյ14։ բ. Մատեանս է Թռակետիա. Մարտիրոսութիւն Սրբուհւոյն Հռիփսիմէի հռոմէական մեծի կուսին իշխանուհւոյ, շարակարգեալ ի կարգե թեատինոսեան Ալեքսիանոս աստուածաբան վարդապետեէ կառավարողէ եւ վերակացուէ հայրապետական մեծի դպրատանս որ հայոց վանս. հրատարակի ի Լով մայրաքաղաքին լեհաց, ի թիվն Քրիստոսի ՌՈԿԸ, եւ ի հայոց ՌՃԺԷ (1668) ապրիլ ամսոյ15։ Հռիփսիմէագիտութեան մասին ներկայացուած սակաւաթիւ ծանօթագրութիւններու այս շարքը կ’ուզենք փակել շարականագիրին մէկ զմայլելի պատկերով.
302
Ցնծութեամբ տօնեսցուք զյիշատակս նոցունց, զի եւ նոցին հաղորդեսցուք փրկութեան։
Տեղեկատու, Գահիրէ, Ապրիլ 2001, նոր շրջան, թիւ 19, էջ 14-15 ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. «Քրիստոսի խոստովանողը եւ ճշմարտութեան վկան», Տեղեկատու, պաշտօնաթերթ, նոր շրջան, թիւ 12, Յուլիս 1999, էջ 9-10։ 2. Նոյն տեղը` «Ագաթանգեղոս գրիչը», էջ 10։ 3. Քնարիկ Տեր-Դավթյան, «Վկայաբանություն և վարք», Հայ միջնադարյան գրականություն և վարք, Երևան, ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչություն, 1984, էջ 38։ 4. Նոյն տեղը, էջ 38-39։ 5. Նոյն տեղը, էջ 48-49։ 6. Նոյն տեղը, էջ 49։ 7. Պրոֆ. Դր. Լ. Մելիքսեթ-Բեկ, Վրաց աղբյուրները Հայաստանի յեվ հայերի մասին հատոր Ա., (Ե-ԺԲ դար), Յերեվան, Հրատարակություն Մելքոնյան Ֆոնդի, 1934, էջ 20։ 8. Նոյն տեղը, էջ 169-172։ 9. Նոյն տեղը, էջ 21։ 10. W. St. Clair-Tisdall, M.A., C.M.S., The Conversion of Armenia to the Christian Faith, Oxford: Horace Hart, Printer of the University, The Religious Tract Society, 1897, Chapter VII, ‘Tiridatês, Gregory, and the Martyrdorn of Rhipsimê,’ pp. 123-129. 11. Պատմութիւն Սեբէոսի, աշխատասիրությամբ Գ. Վ. Աբգարյանի, Երևան, Հայկական ՍՍՀ Գիտությունների Ակադեմիայի Հրատարակչություն, 1979, գլուխ ԼԷ, «Շինումն տաճարին Հռիփսիմեայ», էջ 121։ 12. Նոյն տեղը, Յաւելուած Է, էջ 419։ 13. Պրոֆ. Դր. Լ. Մելիքսեթ-Բեկ, նշուած աշխատութիւնը, էջ 183։ 14. Տես` Բազմավէպ, 1884, էջ 329, 1885, էջ 33, 118, 221, 1886, էջ 35։ 15. Վ. Թերզիբաշյան, Հայ դրամատուրգիայի պատմություն, 1668-1868, Երևան, Հայպետհրատ, 1959, էջ 50, 54-64։ Տես նաեւ` Գառնիկ Ստեփանյան, Ուրվագիծ արևմտահայ թատրոնի պատմության, հատոր առաջին, Երևան, Հայկական ՍՍՌ Գիտությունների Ակադեմիայի Հրատարկչություն, 1962, էջ 90-91։
303
Է. ԴԱՐՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ Լոյսը` աստուածութեան կը մօտեցնէ, ով որ զայն իր մէջ կը կրէ, կը պատգամէք իմացականութեան դարբնոցներդ երբեմնի։ ԶԱՐԵՀ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ
Շինարարական արուեստը եւ ճարտարապետութիւնը` հայ եւ համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են. Դ.-Է. դարերուն` արդէն, անոնք որոշակի զարգացում արձանագրած են։ Հայկական ճարտարապետութիւնը զգալի վերելք ապրած է Է. դարուն, յատկապէս առաջին կէսին, երբ յառաջ եկած են նոր եւ ինքնուրոյն ձեւեր։ Զ. դարու վերջ եւ Է. դարուն, իր կատարելութեան հասած է հայկական եկեղեցիներու նոր ձեւ մը` որ ծանօթ է «Հռիփսիմէի տիպ» անունով. ասոր հնագոյն օրինակն է Աւանի եկեղեցին` կառուցուած 591 թ., իսկ ամէնէն կատարեալը` Հռիփսիմէի վկայարանն է, Էջմիածինի մէջ, կառուցուած 618 թ.։ Է. դարուն կառուցուած են նաեւ բազմաթիւ ապսիտներով տաճարներ, որոնց թագն ու պսակը Զուարթնոցն է, կամ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հրաշակերտ տաճարը, Ներսէս Շինող Կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ կառուցուած` 641661 թուականներուն։ Պատմական այս էքսկուրսին պատկերագրութեան համար, նկատի առնուած են Էջմիածին Պաշտօնաթերթէն յատկապէս քաղուած` նկարիչ Գրիգոր Աւագեանի կատարած նուրբ գծանկարներէն եօթը հատը միայն, որոնք ներկայացուած են որպէս Է. դարու ճարտարապետական կոթողներ։ Մեզի ուղեցոյց ընտրելով այդ նկարաշարը, պահիկ մը կանգ կ’առնենք իւրաքանչիւրին առջեւ։ Վաղարշապատի մէջ, Ս. Էջմիածնի մերձակայքը 618 թ. Կոմիտաս Կաթողիկոսին կողմէ կառուցուած է Ս. Հռիփսիմէի տաճարը` նախապէս գոյութիւն ունեցող վկայարան-դամբարանին վրայ. կառոյցը` կեդրոնագմբեթ է քառաթեւ յատակագիծով, արտաքին ճակատներուն` երկուքական սեղանաձեւ խորշերով։ 1653 թ., Փիլիպոս Կաթողիկոսին կողմէ կառուցուած է նախագաւիթը, իսկ զանգակատունը` 1780 թ., Ղուկաս Կաթողիկոսին կողմէ։
304
êàôð´ ÐèÆöêÆØ¾Æ ì²ÜøÀ ϳéáõóáõ³Í 618 é« ÎáÙÇï³ë γÃáÕÇÏáëÇÝ ÏáÕÙ¿£ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý
زêî²ð²ÚÆ ºÎºÔºòÆÜ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý
Թէեւ Է. դարու կոթողներու շարքին ներկայացուած է Թալինի շրջանի Մաստարա գիւղին Ս. Յովհաննէս տաճարը, սակայն ան Զ. դարու վերջը կառուցուած է, յօրինուածքով` կեդրոնագմբեթ է, խաչաձեւ, քառաբսիդ։ Մասնակի վերանորոգումներու շնորհիւ` ներկայիս կանգուն է տակաւին։ Արթիկ քաղաքին մօտ կը գտնուի Լմբատավանքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին` կառուցուած Է. դարուն, խաչաթեւ, կեդրոնագմբեթ ձեւով։ Այցելուի մը հիացական արտայայտութիւններէն` կ’ուզենք արտագրել հետեւեալ հատուածը. Զարմանալիօրէն գեղեցիկ է ճարտարապետական այս կոթողը` գուցէ ամենակատարեալը խաչաձեւ-գմբեթաւոր փոքրիկ եկեղեցիներից, ոչ միայն գեղեցիկ է, այլեւ վեհ է Լմբատը` այս լուռ ու լուսաւոր ամայութեան մէջ, իր արտակարգօրէն զուսպ ու պարզ ձեւերի կատարելութեամբ։ Ձեռակերտ մի ներդաշնակութիւն` ասես ամբողջ այս նախնական բնանկարի կիզակէտը դարձած, ու նաեւ թախծոտ ու հպարտ` իր մենութեամբ, հեռաւոր դարերի համբերատար վկան...։
305
²ðÂÆÎÆ ÈØ´²î²ì²ÜøÀ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý
úÒàôÜÆ î²Ö²ðÀ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý
306
Ալավերդի շրջանի Օձուն գիւղի տաճարը` Զ.-Է. դարերուն կառուցուած գմբեթայարկ պազիլիքա է. հիւսիսէն հարաւ ունի կամարակապ սրահներ, որոնք արեւմտեան ճակատին կը դառնան խուլ պատ` մուտքի բացուածքով։ Սիսիանի շրջանային կեդրոն` Սիսաւանի մէջ, Է. դարու վերջը, Սիւնեաց Կոհազատ իշխանը` օժանդակութեամբ Սիւնեաց եպիսկոպոսին եւ Թէոդորոս վանականին, կառուցած է կեդրոնագմբեթ տաճարը, որ «Հռիփսիմէի տիպի» յուշարձաններէն կը նկատուի։
êÆêƲÜÆ ºÎºÔºòÆÜ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý Նոր Վարագայ վանքին մասին` առկայ ճարտարապետական հատորներուն մէջ յիշատակութեան չհանդիպեցանք։ Աշտարակի շրջանին մէջ, Արագածի լանջին, Բիւրական գիւղէն վեց քիլոմեդր հեռաւորութեան վրայ, Է.-Ժ. դարերու ընթացքին կառուցուած է Ամբերդի Ամրոցդղեակը` որուն եռայարկ բաժիններէն, այսօր ալ կարելի է յուզումով տեսնել աւերակ մասեր...։ Ամբողջացնելու համար էքսկուրսիան, շատ հաճելի պիտի ըլլար նաեւ մեր ընթերցողներուն հետ այցելել նաեւ Զ.-Է. դարերուն կառուցուած Աւանի տաճարը, Պտղնիի եկեղեցին, Է. դարու կիսուն կառուցուած Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին, Եզր Կաթողիկոսին կողմէ 630 թ. կառուցուած Ս. Գայիանէի տաճարը, Է. դարու 70-ական թուականներուն կառուցուած Արուճի տաճարը, ապա` Թալինի մեծ եւ փոքր եկեղեցիները եւ Օշականի Մանկանոց եկեղեցին։
307
Üàð ì²ð²¶²Ú ì²ÜøÀ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý
²Ø´ºð¸Æ ²ØðàòÀ ϳéáõóáõ³Í ¾©-Ä© ¹³ñ»ñáõÝ£ ÜϳñÇã` ¶ñÇ·áñ ²õ³·»³Ý
308
Քարաստան Հայաստանի շինարարական արուեստը` բազում դարերու ընթացքին վերածուած է քարեղէն բանաստեղծութեան, կամ` քարեղէն սիմֆոնիայի, ինչպէս կը յորջորջեն յաճախ` իրաւամբ...։ Մեր սիրելի ընթերցողներէն բաժնուելէ առաջ, պահ մը կանգ պիտի առնենք, հայ եկեղեցիներու անուանումին մասին` երկու հեղինակաւոր անձերու կարծիքները իմանալու համար։ Հայ ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան ռահվիրայ` ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան յայտնած է. Իմ հետազօտութիւններուս մէջ, մասնաւորապէս ուշադրութիւն դարձուցեր եմ իւրաքանչիւր դարաշրջանի մէջ կանգնուած եկեղեցիներու անուններուն վրայ։ Չեմ գտած 7-րդ դարէն առաջ կանգնուող մի եկեղեցի, որ բացի կաթողիկէէն ուրիշ անուն ունենան։ 7-րդ դարուն մէջ կանգնուած մեծ եկեղեցիներն ալ` կաթողիկէ անուամբ յորջորջուած են։ Ի սկզբանէ, սրբոց անուան նուիրուած շէնքեր` վկայարան անունը կը ստանային, փոքր եւ անշուք շինութիւններ էին. անոնց կոչումը` տուն կամ հանգստարան վկայից էր, եւ ոչ տուն Աստուծոյ։ Միայն գիտնականին վայել համեստութեամբ, մեծանուն ճարտարապետը` իր տարակոյսը փարատելու համար կը դիմէ Կարապետ Կոստանեանցին, որ երկարօրէն կը բացատրէ «Թէ ի՞նչ անուն էին կրում հայոց եկեղեցիներն եւ ո՞րն է նոցա հնագոյն անունը»։
Պատմական հնագոյն յիշատակարաններից բացայայտ երեւում է, - կը գրէ մեծանուն պատմագէտը, - որ Հայոց նախնական եկեղեցիներն յատկական անուն ունեցած չեն։... Փաւստոս Բիւզանդացին հաղորդում է, որ Ս. Լուսաւորիչ բագինները կործանելուց յետոյ մեհենատեղերը սրբագործեց եւ Աստուծոյ անուանը նուիրեց... Տարօնում կանգնած անդրանիկ եկեղեցին Փաւստոս բնորոշում է «մեծն», «առաջին», «մայրն եկեղեցեացն Հայոց» խօսքերով առանց տալու նորան որեւէ յատկական անուն։... Ագաթանգեղոսի խօսքերից էլ նոյնն ենք իմանում, որ հին եկեղեցիներն յատկական յորջորջումն չեն ունեցել. նոքա կոչուել են «Տէրունական տուն», «յարկ տան Աստուծոյ», «Կաթողիկէ»։... [Ա]կներեւ է լինում, որ եթէ հնումն եկեղեցին մի յատկական անուն ունեցել է, այդ կաթողիկէ կոչումն է, որ նշանակում է ընդհանրական, կարելի է հասկնալ նաեւ իբրեւ հասարակաց աղօթքի եւ պաշտամունքի տեղ, նուիրուած Աստուծոյ անուանը։... Այս ամենից ակներեւ է, որ մինչեւ Է. դարը ծանօթ չէ եղել հայոց մէջ եկեղեցիներին յատկական անուն տալու սովորութիւնը, որ մտնել եւ ընդհանրանալ կարող էր այն ժամանակ միայն, երբ սրբերի պաշտամունքը զօրացաւ, նոցա վկայարաններն ընդարձակուեցան, նոցա նշխարների մեծարանքը կարեւոր ծէս դառաւ, եւ առհասարակ եկեղեցին իւր
309
նախնական պարզութիւնից զրկուելով, իւրացուց նոր կարգեր ու նոր ծէսեր։
Տեղեկատու, Գահիրէ, Յուլիս 2001, նոր շրջան, թիւ 20, էջ 7-9 ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
Հայ ժողովրդի պատմություն. հնագույն ժամանակներից մինչև մեր օրերը, խմբագրությամբ Պրոֆ. Մ. Գ. Ներսիսյանի, Երևան, Երևանի Համալսարանի Հրատարակչություն, 1972, էջ 202, 204-205։
Հայկական եկեղեցիներ, Լիզպոն, հրատարակութիւն Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 1970, էջ 13, 230, 231, 233։ 3։
Կարպիս Սուրենյան, «Անանուն Լմբատեցի», Գրական թերթ, 22 Դեկտեմբեր 1978, էջ
Architectural Monuments in the Soviet Republic of Armenia, Leningrad: Aurora Art Publishers, 1971, pp. 47, 48, 49, 52, 54, 56. Gink Károly-Gombos Károly, Örményország: Tájak, várak, kolostorok, Budapest, 1972.
L’Art décoratif de l’Arménie médiévale, Leningrad: Aurora Art Publishers, 1971.
Armen Khatchatrian, Inscriptions et églises arméniennes, Ricerca sull’ architettura Armena 8, Istituto di Materie Umanistiche, Facoltà di Architettura, Politecnico di Milano, Academia delle Scienze dell’Armena Sovietica, Milano, 1974.
Թ. Թօրամանեան, Պատմական. հայ ճարտարապետութիւն (ուսումնասիրութիւն). Ա. Տեկորի տաճարը, Թիֆլիս, 1911, էջ 103։
Կ. Կ., «Թէ ի՞նչ անուն էին կրում հայոց եկեղեցիները եւ ո՞րն է նոցա հնագոյն անունը», նոյն տեղը, էջ 104-106։
310
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶՈՀԸ` ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ Մեծ անհատականութիւն մը որ կը սաւառնէր իր ժամանակին ընկերային մտաւոր երեւոյթներուն վրայ1։ ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
ՄԱՏԻՏԱԳԻՐ ԱՆՅԱՅՏ ՎԵՐՅՈՒՇԸ
Հայ ազատագրական շարժման պատմութեան` ԺԹ.-Ի. դարերու, կարկառուն դէմքերէն` Միհրան Տամատեանի թողած ձեռագիրներուն մէջ գտած եմ հետեւեալ էջերը, ուր կան շատ կարեւոր տեղեկութիւններ «խռովայոյզ եւ մեր մեծագոյն հրապարակագիր», ինչպէս նաեւ «մտաւոր գործունէութեան բոլոր երեւոյթներուն մէջ avant-garde-ի մարդ2» Արփիար Արփիարեանի մասին։ Միհրան Տամատեանի գրական թողօնը` ասկէ ճիշտ քառասուն տարի առաջ, ամփոփուած գտայ երկու միջակ մեծութեամբ ճամպրուկներու մէջ, բաւական խառնակ վիճակով, նկատելով որ ժամանակի ընթացքին` կուսակցական հետաքրքիր ընկերներ փնտռտուք կատարած էին այնտեղ...։ Իր այրիին` տիկին Զարուհիի բարեհաճ թոյլտուութեամբ` առաջին այցելութեանս ստացայ հազիւ տեսանելի գրութեամբ մատիտագիր ձեռագիրը, որուն վրայ` առաջին անմիջական գրութենէն ետք, յուշագիրը 38 սրբագրութիւն եւ յաւելում անհրաժեշտ նկատած էր։ Ձեռագիրը` որմէ կատարուած է այստեղ ներկայացուող խմբագրուած օրինակը, 21,5x27,5 սմ. մեծութեամբ, չթուագրուած եօթը դեղնորակ թերթերու վրայ գրուած է։ Եզրակացնելու համար, Միհրան Տամատեան անհրաժեշտ նկատած է շեշտել անցեալի տիրական դէմքի մը եւ յարակից դէմքերու մասին անդրադառնալու շարժառիթը. Արփիարի մասին այս չափազանց երկար եւ գուցէ տաղտկալի գրութիւնս` իմ կարծիքով կարեւոր էր իբրեւ ներածութիւն եւ բանալի ծառայելու համար այս պատմութեան մէջ յիշատակուելիք այն անցքերուն որոնց մէջ դեր ունեցած էր անիկա։
311
Պահպանելու համար յուշագրութեան կառոյցը, յարմար նկատեցի այդ վերջաբանը ջոկել եւ ներկայացնել այստեղ։
ԵՐԵՔ ՄԱՀԱՓՈՐՁԷ ԵՒ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԷ ՄԸ ԵՏՔ` ԴԻՏԱՊԱՍՏ
Արփիար Արփիարեանի կենսագիրները` որոշ նկատումներով, խուսափած են անոր դէմ կատարուած երեք մահափորձերը մանրամասն նշելէ. այստեղ, առաջին անգամ ըլլալով, ընթերցողին ուշադրութեան կը ներկայացնեմ երեք մահափորձերուն համապատկերը` քաղուած ժամանակակիցներու յուշերէն, եւ անծանօթ մնացած յարձակումի մը մանրամասնութիւնը` հաղորդուած նոյնինքն Արփիարեանէն։ Ոճրագիտութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ է անհատի մը երեք մահափորձի ենթարկուիլը` իրագործուած իր ոխերիմ հակառակորդներուն կողմէ. Արփիարեան եղաւ այդ անզուգական զոհը...։ «Անձնական յիշատակ»-ներու եւ «Գրական յիշատակներ»-ու մէջ, Երուանդ Օտեան` Արփիարի մտերիմն ու սրտակիցը, մանրամասն արտայայտուած է մահափորձին եւ անոր պատճառներուն մասին. 1895 Դեկտեմբեր 2։ Երկուշաբթի իրիկունն էր, երբ Արփիար Արփիարեան, որ Բանկալթի, Ս. Յակոբի կալուածներէն մէկուն մէջ կը բնակէր իր եղբօր Տիգրան Արփիարեանի հետ, ուշ ատեն, բնակարանը գացած միջոցին, Թագսիմի պարտէզին դէմ` դաշունահար վիրաւորուեցաւ դաշնակցականի մը կողմէ։ Արփիար, հակառակ իր ստացած ծանր վէրքերուն, կրցած էր սակայն մինչեւ տուն հասնիլ եւ փողոցին դուռը բաղխել։ Բայց երբ դուռը բացած էին` արիւնլուայ գետին տապալած էր, ինքզինքը կորսնցուցած։ Տօքթոր Զօհրապ, որ մօտերը կը բնակէր, իսկոյն կանչուած էր եւ նախնական դարմանները տուած։ Այս մահափորձը անակնկալ մը չէր ո՛չ իրեն ո՛չ ալ մեզի համար։ Ամիսներէ ի վեր Դաշնակցութիւնը մութին մէջ, ընդհանրապէս Հայրենիքի եւ մասնաւորաբար Արփիարեանի դէմ կը գործէր։ «Արփիարին սեւացրէ՛ք» հրահանգը եկած էր արդէն եւ խղճի մտօք – եթէ կարելի է այս բացատրութիւնը գործածել հոս – կը գործադրուէր։ Դաշնակցականները բերնէ բերան լուր կը տարածէին թէ Արփիար մատնիչ է, թէ Նազըմ փաշայի մարդն է, թէ ամէն գիշեր անոր հետ կը ճաշէ, եւն.3։ Ինչպէս արդէն նշած է իր բարեկամներէն` Երուանդ Օտեան, «Արփիարի դէմ հակառակութիւնը երթալով կը սաստկանար»...։ Ատիկա կը հաստատէ Արփիար
312
§¶³Õ³÷³ñÇ ½áÑÁ` ²ñ÷dzñ ²ñ÷dzñ»³Ý¦ Ûû¹áõ³ÍÇ Ù»ù»Ý³·Çñ ûñÇݳÏÇÝ ³é³çÇÝ ¿çÁ£
313
Արփիարեանի` Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, Փարիզէն Լոնտոն ուղարկած 16 Մայիս 1897 թուակիր նամակը. Գիշերը հայոց վրայ conférence կար։ Գացի։ Երբ լմնցաւ դուրս ելանք, բակը երկու բարեկամի հետ կը խօսէի, յանկարծ կռնակէս բռունցքի հարուած մը գանկիս իջաւ. կը փախչէր, վազեցի ետեւէն ու գաւազանիս միջոցաւը դաս մը տուի, այնքան ուժգին զարկի գլխուն որ հաստկեկ գաւազանս կոտրեցաւ։ Ուրիշներ ալ վրայ հասան...։ Խնայող չկար։ Ոստիկանութիւնը վրայ հասաւ եւ ստոյգ մահէ փրկեց այդ ողորմելին։ Այստեղ գտնուող դաշնակցականները կը պահեն զինքը. զգեստ շիներ են, ու ամէն տեսակ պէտքերը կը հոգան4։ Փարիզի այս միջանկեալ յարձակումէն քանի մը տարի ետք, այս անգամ Վենետիկի մէջ, 1903 Փետրուար 22-ի իրիկունը, կամուրջէ մը անցած ատեն, Արփիարեանը կը զարնեն րէվոլվէրի երեք հարուածով...։ Արփիար շատ լաւ գիտէ` որ Վահէին գործն է այս։ Յաջորդին, Երուանդ Օտեան իրեն կը տեղեկացնէ` թէ «գուշակութիւնդ ճիշդ է. իր գործն է եղեր քեզի դէմ եղած սպանութեան փորձը։ Գահիրէի մէջ որոշեր են, Ատոմ Ասլանեանի տունը. մարդն ալ Գահիրէէն գտեր ղրկեր են»5։ 1922 թ. աշնան իրիկուն մը, Պուքրէշի Մոշիլոռ պողոտային վրայ գտնուող գարեջրատուներէն մէկուն մէջ, Մխիթարեան Միաբանութենէն` Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան կը հանդիպի անծանօթի մը (թէեւ ան կու տայ իր անուն-մականունը, բայց կը խնդրէ, որ իրենց զրոյցը` իրենց միջեւ մնայ, նոյնիսկ եթէ օր մը ուզէ այդ պարագան գրի առնել), որ կը պատմէ հետեւեալը.
1907-ին էր [տարեթիւը կը շփոթի], լաւ կը յիշեմ, Ղեւոնդեանց կամ Վարդանանց տօնին օրը, երբ կատարուեցաւ մահափորձը Արփիարի դէմ։ - Ես այն ատեն հոն էի, ո՛րքան երիտասարդ, ո՛րքան տաքարիւն... Երբ Արփիարը գետին ինկաւ, մութին մէջ էր... կը դիտէի... ամէն անկիւնէ իտալացիներ հոն կը վազէին, մինչ Արփիար, ուշաթափ փռուած էր սալայատակին... օտարները շրջապատեցին, հետզհետէ գալարուող հայը, որ չէր մեռած... Անծանօթները կը մեղքնային հէգ մարդուն վրայ, իսկ ես իմ անկիւնէս կ’անիծէի բախտը որ գնդակը իր նպատակին չէր հասած... - Ինչե՜ր կ’ըսէք, պարոն, եղաւ պատասխանս, դուք այդքան չարամիտ մէկը չէք երեւիր... - Ան ատեն այդպէս էր։ Խենդ, անմիտ, խաբուած երիտասարդ մը որ կը հաւատար իրեն ըսուածներուն... - Յետո՞յ, շատ մնացի՞ք Վենետիկ։ - Նոյն գիշերն իսկ արդէն շոգենաւ մտայ։ Անցագիրս գրպանս էր, վիզա եղած։ Իմ «գործս» վերջացած էր, աւելի ճիշդը, ձախողած...6։ Այդ վայրկեանին Հայր Պոտուրեանի յիշողութեան մէջ կը բացուի ուրիշ
314
տեսարան մը. Բարեկենդանի օրերուն էր, երբ Արփիարը զարկին..., ան խումբ մը վարդապետներու հետ կը շտապէ այն հիւանդանոցը` ուր Արփիար փոխադրուած էր. Խոր քունով անշարժ էր մահճակալին մէջ, թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ։ Քովը գթութեան մայրապետ մը կը հսկէր։ Վէրքը մահացու չէր բարեբախտաբար, եւ ի դժբախտութիւն զինք սպաննել ուզողներուն։ Սպասեցի որ արթննայ։ Կէս Ժամ ետք արթնցաւ, ու ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքին վրայ։ - Անցած ըլլայ Պր. Արփիար։ Երա՞զ է թէ իրականութիւն։ Ո՞ր գինովին հարուածը քեզ հոս բերաւ։ - Նորավէպդ տպեցի՞ր. գէշ չէ, տպէ... - Ձգէ՛ հիմա հին վիպակները, այս նորավէպին նայինք, ի՞նչ կը նշանակէ այս դէպքը։ - Զիս սպաննել ուզեցին, բայց չյաջողեցան. ուրիշ ոչինչ։ Գիտէի արդէն։ Ինծի գրած էին Եգիպտոսէն, բայց լուրջի չէի առած եւ գրեթէ մոռցած էի։ - Ժամը քանիին պատահեցաւ։ - Տասնին, երբ տուն կ’երթայի, հրացանի հարուածի մը ձայնը լսեցի հատ մըն ալ ետեւէն, չորս կողմս նայեցայ, ոչ ոք կար։ Քիչ մը առաջ գացի, զգացի որ վիզէս քրտինք կը վազէ։ Քրտինքս սրբեցի, եւ փողոցի լամբին տակ թաշկինակիս նայեցայ, ու տեսայ որ արիւն է եղեր... խեղճ մոլորածի մը քաջագործութիւնը... Արփիար առողջացաւ, տակաւին ապրեցաւ ու ինքն իր ոտքով գնաց իր գերեզմանը, Գահիրէ, ուր վերջապէս կուսակցականներէ թունաւորուած մահացու գնդակը հասաւ իրեն։ Հայը սպաննեց Արփիարը եւ Հայը արձան մը կանգնեց անոր հողակոյտին վրայ...7։ Շատ երկար լռութենէ ետք, Անծանօթը կ’եզրակացնէ. - Վարդապե՛տ շատ ուրախ եմ որ Արփիարը քեզի անձամբ ծանօթ եղած է. կրկին ուրախ ու երջանիկ եմ որ հիւանդանոց այցելած էք եւ անշուշտ հոգացած։ Անհունօրէն երջանիկ եմ որ յիմար խելքէս եկող գնդակովս չմեռաւ այդ մեծ մարդը։ Ես այն ատեն մոլորած էի, չէի գիտեր։ Կեցցէ՛ Արփիարը...8։ Արփիար Արփիարեանի դէմ կատարուած վերջին ոճիրը` «արդէն տարիներէ ի վեր յղացուած եւ ամիսներէ ի վեր պատրաստուած էր» «Սեւ վոհմակին» կամ «դրամաշորթ խմբակին» կողմէ, գործադրուելու համար 1908 Փետրուարի 12-ին, Չորեքշաբթի գիշերը, ժամը 9-ին ատենները, Գահիրէի ազնուական մէկ թաղին մէջ, Շարա Էլ-Մանախ, ուր կը բնակէր հայ տէրվիշը` Նէշընըլ Րէզիտանս շէնքին մէջ, որ մաս կը կազմէր Նէշընըլ Հօթէլի պլոքին։ Այդ ատեն ալ, Վահան Թէքէեան` որ Արփիարը տեսած է Ապտինի ոստիկանատան բակը, անոր սպանութենէն հազիւ երկու ժամ ետք, կը յայտնէ` թէ
315
«ոճրագործ խմբակին առաջին շահատակութիւնը չէ աս...»։
ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Արփիարեանի մտերիմները` շլմորած, գոյներնին նետած, վազվզած են մէյմէկ ուղղութեամբ։ Եգիպտոսի Առաջնորդ Հօր եւ Գաւառական Ժողովի Ատենապետ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի տնօրինութեամբ` որոշուած է ազգային յուղարկաւորութեամբ յարգել Մեծ-Հայուն յիշատակը։ Ուրբաթ իրիկուան դէմ, Գահիրէի ամէն թաղէ ստուար բազմութիւն մը` շուրջ 2000 հոգի, ժողովական, մտաւորական, պաշտօնատար թէ վաճառական, բժիշկ թէ փաստաբան, արհեստաւոր դասակարգը` առանց բացառութեան գացած է Պէյն-Էլ-Սուրէնի եկեղեցին, ուր կենալիք տեղ չէ եղած։ Բազմաթիւ ծաղկեպսակներու գունավառ պարտէզի մը մէջտեղ, թաւշազարդ մահաբեմին վրայ` մետաղեայ դագաղին մէջ, հանգչած է ինչ որ Արփիարեանը եղած է...։ Մտերիմներու մէջտեղ, դասին մէջ իբրեւ սգակիր կեցած է իր եղբօրորդին` Փիլիկ Արփիարեանը, վիրաւոր թռչունի մը նման...։ Դաշն ու հանդիսաւոր մեռելական արարողութենէն ետք, բեմ բարձրացած է Մկրտիչ Վրդ. Աղաւնունի եւ զգացումով լի դամբանական մը խօսած։ Դամբանականներ արտասանած են նաեւ Վահան Մալէզեան եւ Վահան Թէքէեան, որոնց տխուր պերճախօսութիւնը` գրական սրտազեղումով արտասուագին, խորապէս յուզած է ներկաները։ Կարդացուած է նաեւ Տփղիսէն` Մշակ լրագիրին ցնցող հեռագիրը։ Փողոցներուն երկայնքին վէտվէտող ժողովուրդին հոծ ալիքներուն մէղջտեղէն, յուղարկաւորներու թափօրը անցած է Մուսքիէն, Աթապա-Էլ-Խատրայէն եւ Թղթատան պողոտայէն. հազարաւոր յուղարկաւորներու առջեւէն քալած են` Առաջնորդը, Պօղոս Փաշա Նուպար, Փիլիկը, Արփիարի մտերիմները եւ գրագէտներ` իբրեւ սգակիր։ Թափօրը կանգ առած է Օփերայի հրապարակը` ուրկէ սկսած է կառքերու անհատնում շարանը։ Մարմինայի գերեզմանատան առջեւ` դագաղը վար առնուած է կառքէն. Արփիարեանի սրտակիցները եւ հիացողները` դագաղը ուսամբարձ տարած են մինչեւ մատուռ, ուր մեռելական աղօթքներէ ետք, դարձեալ ուսերու վրայ բարձրացուցած տարած դրած են անոր վերջին հանգրուանին սեմին վրայ։ Ժողովուրդին պահանջին վրայ, փոսին եզերքը` բացուած է դագաղը... Արփիար արիւնլուայ, կուրծքէն բզքտուած` իր վերջին քունը կը քնանար...։ Դառնակոծ հեծկլտանքներ եւ տրտմածոր արտասուքներ` վերջին աղօթքը կը համերգեն. սեւ հողերը կը ծածկեն մեծ սիրելին` որ մեծ զոհը եղաւ աշխարհի ամէնէն վատ եւ ամէնէն ապուշ կիրքին...9։
316
ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՃԻՇՏ ԵՒ ԱՆՃԻՇՏ ԲԱՆԵՐ
Ամբողջացնելու միտումով, այս թռչնաթիռ ակնարկը կ’ուզեմ փակել դաշնակցական քանի մը հեղինակներու հապճեպ դատումներով. Պառակտումէն յետոյ ալ, նոր «Վերակազմեալ» հնչակեանութեան պարագլուխ յայտնուեցաւ Արփիար Արփիարեան, որ արդէն իսկ վարկաբեկուած էր 1890-ի իր ծանօթ «Մեղայական»ով։ Իր շուրջ յարուցուած ամբաստանութիւններով ու վէճերով նա ամբողջ տարիներ զբաղեցուց հնչակեանները եւ Դաշնակցութիւնը...։ Մարզուած գրչի տէր, մեծատաղանդ արձակագիր եւ հրապարակագիր` Արփիար Արփիարեան, տարաբախտաբար, պոլսական վատթարագոյն տիպի գրողներէն էր, անսկզբունք, աննկարագիր, միանգամայն անպէտք քաղաքական կուսակցութիւն մը վարելու համար եւ շատ չանցած, կնքեց իր մահկանացուն, եղերական ձեւով, իր իսկ ընկերներու գնդակներուն տակ...10։ Շատ տարիներ ետք, բանաստեղծ Արսէն Երկաթ` «իր պատանեկան յուշերուն վրայ յենլով», Յուսաբեր օրաթերթին մէջ նկարագրած է մեծ գրագէտին մահը, անոր անշունչ դէմքին պատկերը, անոր թաղումը, եւայլն։ Ծամածռումը եթէ անոր դէմքին գիծերը պահ մը խանգարած, սահմռկեցուցած էր, տեղի տուաւ յետոյ անհուն անդորր ժպիտի մը, որ դագաղին բացուելուն պէս` յառեցաւ մեզի, ադամանդի նման կարծր եւ շուշանի նման քնքոյշ։ ... Ու այդ մեռելին դէմքը կարծես ո՛չ մէկ գիծով կ’արտայայտէր ցաւը, որ զգացած էր վերջին պահուն։ ...Մեռելին դէմքը պահած էր տարօրինակ ժպիտ մը։ Թերեւս այսպէս կ’ըլլայ ժպիտը երկարատեւ չարչարանքէ վերջ մահացած սուրբերուն։ Ի՞նչ ըսել կ’ուզէր այդ տարօրինակ ժպիտը։ Հասկցող մը կա՞ր արդեօք։ Չէին ըմբռներ մանաւանդ անոնք, որ դեռ անէծք կը կարդային ոճրագործին դէմ։ Եթէ մէկը իր հոգիին մէջ զգար այդ ադամանդին լուսաշող սլաքը, այդ շուշանին երկնաբոյր ծաղկումը, անշուշտ որ պիտի ընդմիջէր դամբանախօսները պոռալով անոնց երեսին. Չէ՞ք տեսներ որ մեռելը կը ժպտի, ուրեմն ինչո՞ւ դեռ կը շարունակէք ձեր կոկորդիլոսի արցունքները11։
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ...
Հրապարակագիր եւ գրաքննադատ Գուրգէն Մխիթարեան` փութկոտութեամբ արձանագրած է Յուսաբեր օրաթերթի գրաշարներէն Արտաշէս Ազապլարի վկայութիւնները` խռովայոյզ Արփիար Արփիարեանի մասին.
317
- Չենք կրնար բացատրել թէ ո՞ւրկէ հաւաքուած էր այսքան ուժ, այսքան հպարտութիւն, այս պզտիկ, այս տէրվիշի կերպարանքով մարդուն մէջ, որուն միակ զէնքը իր գրիչն էր, հատու եւ կծու խայթոցով։ - Պարզ մարդ մըն էր յարաբերութիւններուն մէջ եւ իր հագուստովն ու կապուստովը։ - Նկարագրով շատ անվախ մարդ էր, հպարտ եւ ուղղամիտ։ Անօթի կը մնար բայց երբեք դիրք ու պաշտօն ապահովելու չէր մտածեր։ Կ’ըսէր իր կարծիքը առանց վարանումի, ուղղակի, ճակատին, ինչպէս կը գրէր, սուր ու խայթող։ *** ... Լուսաբերի խմբագիր եղաւ։ Այն ատեն Լուսաբեր փաշայական (Պօղոս Նուպարի կուսակից) օրկան մըն էր եւ կը գտնուէր Տոքթ. Քէչէճեանի, Տաղաւարեանի եւ վարժարանի տնօրէն Քիւրքճեանի վարչութեան ձեռքը։ Արփիար ստանձնեց խմբագրապետութիւնը ամսական 4 ոսկիով եւ սովորականին պէս անկախ ուղղութեամբ։ Տպարանը Շարա Մահմուտ Ալիի նկուղի մը մէջ էր, մութ եւ խոնաւ, պատերէն ջուր կը կաթկթէր, Արփիար մեր մօտը նստած, լռիկ կ’աշխատէր։ Այդ տարին (1906), Ռ. Որբերեան իր Ծփանքներ անուն քերթուածներուն հատորը հրատարակած էր Ճիպութիի մեծահարուստներէն Մ. Գէորգոֆի ծախքով, անոր նուիրուած եւ ի նպաստ Բարեգործական Միութեան, որուն քարտուղարն էր Տոքթ. Տաղաւարեան։ Առաւօտ մը կանուխ Վարչութենէն Տաղաւարեան, Քէչէճեան եւ Անտոնիկեան տպարան եկան Արփիարը տեսնելու. հոն չէր, երբ հարցուցին մեզի։ - Հիմակ կու գայ ըսինք մենք, այս անակնկալ այցելութենէն քիչ մը զարմացած։ Երբ եկաւ, Տաղաւարեանը խօսելով ըսաւ. - Պապա Արփիար, քեզի հետ տեսնուիլ կ’ուզենք։ - Ինծի՞ հետ, ըսաւ ան, ապշահար նայելով, որովհետեւ չէր ուզեր անոնց հետ խօսիլ։ Գլխարկը ձեռքը նստաւ աթոռի մը վրայ։ Տաղաւարեան խնդրեց որ գրախօսական մը գրուի Ծփանքներու մասին եւ այդ առթիւ սանկ քանի մը փաղաքշական խօսքեր ըսուին փաշային նկատմամբ։ Միայն թէ, աւելցուց ան, նայէ որ «Վսեմ.» բառը գործածես, խմբագրականներուդ մէջ ալ չես գործածեր կոր. չե՞ս գիտեր թէ փաշան անզուգական մարդ է եւ մեղք ունի «Վսեմ.» բառը չգործածելը։ - Այդ գրախօսականին տակը ի՛նչ պիտի դրուի, Ա. Ա., այնպէս չէ՞, պատասխանեց ան, ուրեմն «Վսեմ.» բառը չի գործածուիր։ Տաղաւարեան բարկացած եւ ձայնը փոխելով ըսաւ խստօրէն. - Բայց գիտե՞ս թէ դուն մեր վարձուորն ես։ Այս խօսքին վրայ Արփիար, յանկարծակի ապտակ մը ուտելու պէս, սկսաւ դողդղալ զայրոյթէն եւ գունաթափ` անոր դառնալով ըսաւ. - Ի՞նչ ըսիր, ի՞նչ ըսիր, վարձուո՞ր, ես ձեր վարձուո՞րը, է՛շ, է՛շ... Տաղաւարեան քանի մը բառեր ծամծմեց եւ դարմանել ուզեց իր սխալը, ըսելով թէ`
318
«այսինքն մեզի կապուած ես ըսել կ’ուզեմ» եւ նման խօսքեր փնտռեց... Արփիարեան այնքան վրդոված էր եւ այնքան վիրաւորուած, որ այլեւս առանց լսելու անոր խօսքերը շարունակեց. - Ծօ՛, ինծի Գրիգոր Արծրունիի պէս մէկը որ 14-15 րուպլի կը ղրկէր ամէն մէկ յօդուածիս, «վարձք» բառը չի գործածեր, դուն ինչպէս բերանդ կ’առնես այդ խօսքերը։ Տղա՛ս, քեզի կ’ըսեմ որ քու համետդ կը պակսի միայն, համետդ... Տաղաւարեան զգաց, որ սայթաքած էր շատ գէշ կերպով. եւ ինքզինք զսպելով, ըսաւ. Ինչ որ է, քեզի շատ ծանր կը նստեցնէինք, բայց պապայի տեղ դրած ըլլալնուս համար, կը ներենք։ Հետեւեալ օրը սակայն, պաշտօնէն հեռացուցին։ Արփիարեան, անվրդով, ամբողջ երկու ամիս պզտիկ սրճարանի մը մէջ շարունակ յօդուած գրեց, առանց հրատարակելու. Լուսաբեր Ծոցիկեանի եւ Քիւրքճեանի ձեռքը մնաց եւ հետզհետէ ինկաւ։ Վարչութիւնը հարկադրուեցաւ նորէն Արփիարեանի դիմել, որ եկաւ այս անգամ 8 ոսկի ամսականով եւ պայմանով որ բոլորովին ազատ ըլլայ ու չգործածէ «Վսեմ.» բառը։ Մենք շատ ուրախ էինք անոր մանաւանդ այս կերպ վերադարձովը։ *** ... Այս միջոցներուն էր որ Ազատ բեմ թերթը կը հրատարակուի Արզուեանի եւ Լ. Լարենցի խմբագրութեամբ։ Ասոնք ամէն միջոցի դիմեցին վարկաբեկելու եւ հալածելու համար զայն։ Անգամ մը երբ Արփիարեան սրճարանը նստեր կը գրէ եղեր, – ասիկա ինքը պատմեց մեզի, – Լարենց ներս կը մտնէ, կը մօտենայ Արփիարեանի, ու հայհոյելով, «Ի՛նչ նորէն մեզի դէ՞մ կը գրես կոր» ըսելով ապտակ մը կ’իջեցնէ։ Արփիարեան որ չէր ճանչնար Լարենցը անոր ով ըլլալը կ’ուզէ հասկնալ. Լարենց երբ իր անունը կու տայ, Արփիարեան սաստիկ գրգռուած կ’ըսէ. - Ծօ, սրիկայ, քեզի գրչիս ծայրովը պիտի սպաննեմ։ Հետեւեալ օրը անգլիացի ոստիկանապետը եկաւ, որուն հաղորդուած էր այս դէպքը Վարչութեան կողմէ, եկաւ եւ պնդեց որ տայ անունը թէ ո՛վ էր յարձակողը, ձերբակալելու համար։ Արփիար մերժեց ո եւ է բացատրութիւն. միայն կտրուկ ըսաւ. - Չէ փաշա, ես պիտի սպաննեմ զայն գրչիս ծայրովը, ե՛ս...12։
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶՈՀԸ ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Կորովի հրապարակագիր Սուրէն Պարթեւեանի գնահատումով`
Ո՛չ մէկ գաղութ այնքան հարուստ եղած է մտաւորականութեամբ, որքան Եգիպտահայ Գաղութը։ Ազգային այժմէական իրադարձութիւններու առիթով` եգիպտաբնակ ականաւոր
319
հրապարակագիրները միշտ լսելի ընծայած են իրենց գերակշիռ ձայնը։ Արփիար Արփիարեան եղաւ այն ականաւոր հրապարակագիրներէն` որոնք պարծանքը կազմեցին թրքահայ գրականութեան13։ Գրիգոր Զօհրապ` Արփիարեանի դիմաստուերը ներկայացնելով, հարց տուած է, շատ ուշագրաւ կերպով. Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այս կեանքին ծերութիւնը. վերջ ի վերջոյ ո՞ւր կանգ պիտի առնէ զինքը տանող նաւակը...14։
ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ
ՄԻՀՐԱՆ ՏԱՄԱՏԵԱՆ15 Հրատարակութեան պատրաստեց` ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Արփիար Արփիարեան` որուն վրայ թեր ու դէմ խիստ շատ խօսուած է թէ՛ նախայեղափոխական շրջանին եւ թէ ամբողջ յեղափոխական շրջանին` մինչեւ իր եղերական մահը16, եւ անկէ ալ վերջ, քիչերուն այնչափ ծանօթ եղած է որչափ ինծի եւ ան` այնպիսի տարօրինակ, արտակեդրոն եւ առեղծուածային անձ մը եղած է որ` քիչեր կրցած են թափանցել իր բո՛ւն էութեան, ասով կը բացատրուի այն երեւոյթը որ, - կուսակցական կիրքն ու ատելութիւնն ալ խառնուելով գործին մէջ, - ան շատերու աչքին եղած է աննման եւ անբասիր հասարակական գործիչ մը, եւ նոյնքան շատերու աչքին` հասարակ էնթրիկան մը17, դաւաճան մը, մատնիչ մը, մարմնացեալ սատանայ մը։ Զինք աստուածացնողները շատ սխալած են, բայց չարաչար սխալած են զինք անարգութեան սիւնին գամողները։ Արփիար, Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի աշակերտ եւ Ալիշանի ձեռնասուն18, որ իրեն ծածկանուն ընտրած էր Յուշիկք հայրենեաց հայոցի «Հայկակը»19, որ 1876-80[ական] թուականներուն Կ. Պօլսոյ մէջ տիրող ազգային ոգեւորութեան շարժիչ ուժերէն մին եղած է, որ եղած է մին Արարատեան Ընկերութեան20 (վերջէն բաղկացուցիչ մաս Հայոց Միացեալ Ընկերութեանց21), հիմնադիրներէն եւ ամենէն եռանդուն աշխատաւորներէն, ախոյեան հայ ազգի դաւանական հատուածներուն միջեւ անխտրական սերտ գործակցութեան, ժամանակակից հրապարակագրութեան մէջ ազատական շունչ մը մտցնողներէն առաջինը22, նաեւ առաջինը տաճկահայ եւ ռուսահայ մտաւորականութեանց միջեւ յարաբերութեան կապ հաստատողներուն, Գրիգոր Արծրունիի Մշակին երկար տարիներու աշխատակցութեամբը` վերոյիշեալ Հայկակ ծածկանունով23, Ազգային Ժողովին մէջ պայքարող ձախակողմեանը որ Նուրեան էֆէնտին
320
ապտակեց24, պայքարող խմբագիրը Մասիսի25, Արեւելքի26 եւ հիմնադիրը ժողովրդանուէր Հայրենիքին27, հեղինակը այդ թերթերուն համով-հոտով «Օրուան կեանք»երուն28 եւ «Հողվրտիք»ներուն29, հեղինակը վերջապէս Կարմիր ժամուցին30, դաւաճան մը, մատնիչ մը չէր եւ չէր կրնար ըլլալ։ Իր համբաւաւոր «հարցաքննութիւն»ը որ իբրեւ իր մատնչութեան փաստ, ժամանակով հրատարակուեցաւ Դրօշակի մէջ31, կեղծ տօքիւման մըն էր32, զոր մատնիչ Թիւթիւնճիէֆ33 ինք դարբնած ու ծախած էր դաշնակցութեան, որոնք հաւատալով կամ չհաւատալով այդ տօքիւմանին հարազատութեանը, զայն գործածեցին իբրեւ զէնք Արփիարին դէմ։ Թիւթիւնճիէֆ մարդ մըն էր34 որ իր զեղխ կեանքին պէտք եղած դրամը հայթայթելու համար ամէն միջոց ներելի կը գտնէր։ Սկսաւ իբրեւ յեղափոխական, Կ. Պօլսէն փախաւ իբրեւ յեղափոխական, Պուլկարիոյ մէջ ազատաշունչ թերթ35 եւ գրքոյկներ36 հրատարակեց ատեն մը, մասնակցեցաւ առաջին անգամ Տինամիթներու պատրաստութեան գործին37 զոր յետոյ ինք մատնեց եւ յետոյ իբրեւ թուրք կառավարութեան լրտես Կ. Պօլիս եկաւ ու շատ անմեղ Հայեր մատնեց. բայց իր արծաթասիրութեամբը ամէն բան ընելու ընդունակ ըլլալով` միեւնոյն ժամանակ Անգլ. դեսպանատան կը հաղորդէր թուրք կառավարութեան գաղտնիքները եւ, ո՜վ հեգնութիւն, դրամի սիրուն, շատ մը հայ բանտարկեալներ ալ ազատած է։ Այս այնչափ ճիշտ է, որ երբ Թիւթիւնճիէֆ սպաննուեցաւ ահաբեկիչի գնդակով38, Անգլ. դեսպանը յայտնած էր թէ Հայերը ի՞նչպէս իրենց դատին բարեկամ եղող անձեր մահապատիժի կ’ենթարկեն։ Դեսպանին այս խօսքը պատմած էր Չայեան Իլիաս Էֆէնտին39 Խարախանեան Ներսէս եպիսկոպոսին40 եւ այս վերջինը պատմեց ինծի։ Արփիարի «մատնչութեան» այս կեղծ տօքիւմանը Թիւթիւնճիէֆէն ստացողները եւ անոր դէմ օգտագործողները եղան... Իւսուֆեան41, Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ42) եւ Աւետիք Լալայեանց43։ Ասոնք Արփիարի հետ գաղտնի յարաբերութիւններ ունեցած էին44 1894 թուականին եւ խիստ հաւանօրէն Արփիար եւ Շահնազար45 որոշ աստիճան համակրութիւն ցոյց տուած ըլլային դէպի դաշնակցութիւնը` որուն Կ. Պօլսոյ հիմնադիրներն էին յիշեալները։ Բայց երբ օր մը դաշնակցականները սպառնագրով46 պահանջեցին Պօլսոյ հայ թերթերէն չհրատարակել թուրք կառավարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնները («շնորհիւ Վեհ. Սուլթանին` Կարնոյ, Վանայ... եւն., վիլայէթներուն մէջ անդորրութիւնը կատարեալ է - ասայիշ պէրքէմալ տըր»), - պահանջ մը որուն համակերպութիւնը պիտի յանգէր բոլոր հայ թերթերուն դադարումին, - Արփիար առաջինը եղաւ այդ անգործադրելի պահանջին դէմ ծառացող եւ անվրդով հրատարակեց պետական պաշտօնական յայտարարութիւնը, մինչ ուրիշ հայ թերթեր` սպառնալիքին սարսափէն շուարած` ոմանք մեքենայի խանգարում, ոմանք տօն պատրուակելով օր մը չհրատարակեցին իրենց թերթերը, եւ յաջորդ օրը քաջալերուած Արփիարի բռնած դիրքէն` հետեւեցան անոր օրինակին47։
321
Դաշնակցութեան պատգամը արհամարհուած էր. այն օրէն վճռուած էր Արփիարի դէմ տեռօրը48. մնացեալը` «հարցաքննութեան պատճէն»49 եւն այդ տեռօրին իբրեւ պատճառանք ծառայելու համար էր որ պատրաստուեցաւ50։ Արփիարի դէմ իբրեւ զէնք գործածուող երկրորդ տօքիւմանը իր համբաւաւոր մեղայագիրն է51։ Այս մեղայագիրը ի հարկէ չի կրնար պաշտպանուիլ, բայց երկու մեղմացուցիչ պարագաներ կան. առաջինը այն է որ, մինչ բոլոր միւս բանտարկեալները իրմէ առաջ ազատ արձակուեցան, իրեն` բանտէն արձակուելուն իբր պայման պարտադրուած էր այդպիսի գրութիւն մը որ, սակայն ուրիշին վնաս մը չէր տար, այլ ինքզինք միայն կը ստորնացնէր։ Երկրորդ մեղմացուցիչ պարագան կը հասկընան անո՛նք միայն որոնք Արփիարի հոգեբանութիւնը մօտէն ճանչցած են։ Արփիար երբ ինքզինք պարտաւորուած զգար իր համոզումին հակառակ բան մը գրելու, այդ գրութեան մէջ կը դնէր այնպիսի ծայրայեղ չափազանցութիւններ եւ այնպիսի բացառիկ շեշտ մը` որոնք անոր կու տային գրեթէ զաւեշտական կամ երգիծաբանական բնոյթ։ Արփիար կը կարծէր այդ կերպով զինք բռնադատողին քթին խնդալ։ Արփիար այնքան վստահ էր ազգին մէջ իր կատարած դերին վրայ, որ կարեւորութիւն չէր տար գրածներուն եւ կը հաւատար որ ուրիշներն ալ կարեւորութիւն պիտի չընծայէին անոնց։ Օրինակով մը բացատրեմ։ Ամէն տարի գահակալութեան տարեդարձին52, մայրաքաղաքի ամէն ազգի թերթերը ստիպուած էին գովասանքներ հիւսել Սուլթանին։ Արփիարի գովասանքները իրենց չափազանցութեամբը ամէնքը կը գերազանցէին եւ ամէնուն խնդուք կը պատճառէին, եւ ինք էր առաջին խնդացողը։ Օրինակ «Շնորհիւ վեհ. Սուլթանին, շոգեկառքերը երկրին մէկ ծայրէն միւսը կը սուրան, երկրին մէջ ճարտարարուեստը, արուեստները, վաճառականութիւնը աննախընթաց կերպով կը ծաղկին. հանրային կրթութիւնը այն աստիճան զարգացած է որ անգրագէտ մարդ չէ մնացած լայնածաւալ կայսրութեան մէջ. բոլոր ժողովուրդները` անսահմանօրէն երջանիկ` միաբերան կ’աղօթեն վեհ. Սուլթանին արեւշատութեանը համար եւ կը մաղթեն որ ան յաւիտեանս անսասան մնայ իր կայսերական գահուն վրայ»։ Իր այսպիսի գրութիւնները կը նմանէին, օրինակի համար Սարգիս Մինասեանի53` Դրօշակի մէջ` Սուլթանին գահակալութեան տարեդարձի մը առթիւ54 հրատարակած երգիծաբանական այն հրաշալի գովերգութեան որ կը վերջանար «պինլէր եաշա՛, ծօ Համիտ»55, բացագանչութեամբ։ Իր թեթեւամտութեան մէկ քանի արտայայտութիւններուն եւ իբրեւ «յեղափոխական» իր մէկ քանի սխալներուն համար` զորոնք քաւեց իր եղերական մահուամբը, իր գործը անտեսելը եւ իր յիշատակը աղարտելը մեծագոյն ապերախտութիւն մը պիտի ըլլար ազգին կողմէ։ Գանք իր նկարագրին ժխտական կողմերուն։
322
Արփիար անհանդարտ միտք մըն էր, երեւակայութիւնը սուր էր եւ մտածումները արագ։ Կենդանի շարժանկար մըն էր իր միտքը... տակաւին շարժանկարը չհնարուած։ Ի՛նչ որ ուրիշները մեծ ճիգով եւ երկար ժամանակի մէջ կրնային յղանալ ու ծրագրել, ինք վայրկենապէս կը յղանար ու կը ձեւակերպէր։ Ամէն առաւօտ, ազգային գործունէութեան կատարելապէս մշակուած ու մանրամասնուած ծրագրով կ’արթննար, ծրագիր որուն գործադրութիւնը տարիներու աշխատանք կը պահանջէր, ու ինք զայն կը պաշտպանէր հաւատաւորի մը ջերմեռանդութեամբ, հոգ չէ՛ թէ այդ ծրագիրը իր երէկ յղացած նոյնքան մշակուած ու խնամուած մէկ ծրագրին տրամագծապէս հակառակը ըլլար, թէ մին ծայրայեղ պահպանողական ըլլար եւ միւսը ծայրայեղ յեղափոխական։ Հակասութիւնը երբ մատնանշէիր, ի՛նքն ալ կը խնդար, բայց վերջին ծրագիրը իբրեւ լաւագոյն կը ջատագովէր, մինչեւ այն օրը որ նորագոյն ծրագիր մը յաջորդէր անոր։ Ան սկզբունք չունէր, եւ երբ այս նկատմամբ զինք կը մեղադրէին, «իմ սկզբունքս սկզբունք չունենալն է», կ’ըսէր։ Արփիարի մեծագոյն թերութիւնը իր յեղյեղուկ նկարագրին մէջ կը կայանար։ Իր հետ ամէնօրեայ շփման մէջ եղած ժամանակս, եղած են օրեր որ, իր այլանդակ խօսքերէն դատելով` իր հայրենասիրութեան վրայ, իր զգայուն սիրտ մը ունենալուն վրայ իսկ կասկածած եմ. եւ ահա յաջորդ օրը մամուլին յանձնած է համակ հայրենասիրութիւն բուրող այնպիսի սրտայոյզ եւ անվարանելիօրէն սրտաբուխ «հողվրտիք» մը կամ «Օրուան կեանք» մը, որ հիացած եւ ափ ի բերան մնացած եմ։ Արփիարի այս յարափոփոխ նկարագիրը լաւ ուսումնասիրած էր Շահնազար, որ ինք ըլլալով հաստատ նկարագրի եւ սկզբունքի տէր անձ մը, Արփիարի յօդուածները չէր հրատարակեր Հայրենիքի մէջ առանց զանոնք հակակշռէ անցընելու, եւ շատ անգամ բուռն վիճաբանութիւններ կ’ունենար անոր հետ։ Այս հակակշռին շնորհիւ էր որ Հայրենիք ունեցաւ միատեսակ ուղղութիւն մը եւ Արփիարի յօդուածները այնքան հաճոյքով կը կարդացուէին։ Արփիար սաստիկ վախկոտ մարդ էր` վտանգի հանդէպ. բայց իր գրութիւններուն մէջ` վերջին աստիճան համարձակ եւ յախուռն էր, առանց բնաւ վախնալու իր հակառակորդներէն56. իր գաղափարներուն (թէեւ յարափոփոխ) քաջութիւնը ունէր։ Ան պայքարը կը սիրէր, հակառակորդները որքան ալ բուռն յարձակումներ ընէին իր անձին դէմ, անոր հոգը չէր. կարծես նոյնիսկ կ’ախորժէր ուրիշներու քննադատութեանց նշաւակ դառնալէն։ Ան կը տառապէր երբ ուրիշները կը դադրէին իր վրայ խօսելէ. այն ատեն մէջտեղ քար մը, կռուախնձոր մը կը նետէր ու պատճառ կ’ըլլար որ հակառակորդները նորէն իրենց բերանը բանային իրեն դէմ։ Ան սակաւապէտ57 էր եւ ժուժկալ, արբեցութենէ ու կնասիրութենէ հեռու, բայց միանգամայն կիներու հանդէպ խիստ քաղաքավար ու մեծարող։ Սկիզբները, Պօլսոյ մէջ, լաւ կը հագուէր, միշտ սեւ զգեստ կը կրէր, բայց երթալով կոկիկութիւնը կորսնցուց, վերջին ժամանակները փնթի ըլլալու աստիճան58։ Այս
323
արտակեդրոն մարդը շատ անգամ խնձորով ու հացով կ’անցընէր իր օրը, ընդհանրապէս աժան végétarien59 ճաշարանները կերակուր կ’ուտէր, բայց օր մըն ալ յանկարծ խելքին կը փչէր ու կ’երթար ամենէն փառաւոր ազնուապետական ճաշարան մը կը ճաշէր, եւ որովհետեւ հակառակորդներ շատ ունէր, բաւակա՛ն էր որ մէկ անգամ զինք այդպիսի ճաշարան մը տեսած ըլլային, իսկոյն կը տարաձայնուէր որ Արփիար շռայլ կեանք մը կ’անցընէ...։ Ան դրամն ալ չէր սիրեր. աղքատ ապրեցաւ ու աղքատ ալ մեռաւ։ Ան կասկածոտ ու ոխակալ էր. հակառակորդները հալածելու համար նոյնիսկ պատմութիւնը կը խեղաթիւրէր։ «Կ. Պօլսոյ պահպանողական վարչութիւնները» յօդուածաշարքին60 մէջ, իր հակառակորդ Նուրեան Յովհաննէս Էֆէնտիին61 (Պէշիկթաշի գերեզմանատան խնդրին առթիւ62) տուած է խորամանկութեան այնպիսի չարաշուք դեր մը` որուն Մաքիավէլլին63 անգամ պիտի նախանձէր. դեռ ուրիշ դիտաւորեալ անճշտութիւններ ու չափազանցութիւններ լեցուն են իր գրութիւններուն մէջ։ Գումգափուի դէպքին64 առթիւ Աշըգեան Պատրիարքի հետ յանուն Հնչակեան կուսակցութեան իր իբր թէ ունեցած տեսակցութիւնները, զորոնք կը նկարագրէ Նոր կեանքի մէջ65, բոլորովին մտացածին են, բայց այնքան ճարտարօրէն յարմարցուած, որ իբրեւ ստոյգ պատմութիւն66 կը կարդացուին...։ Այսպիսի բարդ խառնուածքով մարդ մը կրնար, եթէ կ’ուզէք, անհատ, անպատասխանատու յեղափոխական մը ըլլալ, - եւ իրօք յեղափոխական եւ ամէն կանոնի ու աւանդութեան դէմ ըմբոստ միտք մըն էր, - բայց պէտք չէր որ ըլլար յեղափոխական կուսակցութեան մը անդամ, եւ ոչ երբե՛ք` յեղափոխական ղեկավար մը։ 1880 թուականէն ի վեր զինք մօտէն ճանչցած ըլլալով` կանուխէն այս գաղափարը կազմած էի իր մասին. մեր Կ. Պօլսոյ առաջին յեղափոխական կազմակերպութիւնը67 իրեն հետ կը յարաբերէր, կը լսէր իր խորհուրդները եւ թելադրութիւնները, բայց զինք կը նկատէր միայն համակիր մը։ Մենք իր մասին նոյն գաղափարը յայտնած էինք առաջին անգամ մեզի հետ բանակցութեան մտնող կովկասահայ յեղափոխականներուն ալ, որոնք արդէն` իբրեւ Մշակի ծանօթ թղթակից, մենէ առաջ անոր հետ տեսնուած եւ միեւնոյն գաղափարը կազմած էին իր մասին։ 1894ին, երբ բանտէն կ’ազատուէի68, զարմանքով Կ. Պօլսոյ Հնչակեան Վարչութեան անդամ գտայ զինքը69։ Կուսակցութեան մը մէջ մուտքը եւ պատասխանատու դեր մը ստանձնելը մեծագոյն դժբախտութիւնը եղաւ այս մարդուն, որ իբրեւ ինքնատիպ հրապարակագիր, սքանչելի քրոնիկագիր, վիպագիր եւ երգիծաբան70` դեռ շատ բեղմնաւոր կեանք մը պիտի կրնար ունենալ եւ որ ի վերջոյ զոհը եղաւ անո՛նց որոնք յեղափոխական գործին մէջ մուտքը դիւրացնելու սխալը գործած էր71։ Լոնտոնի մէջ, երբ տակաւին ոեւէ գժտութեան պատճառ չունէինք72 իրարու հետ, ես քանիցս իրեն բարեկամական խորհուրդ տուի քաշուիլ կուսակցական կեանքէ ու նուիրուիլ անկախ հրապարակագրական կեանքի. «Քու գրութիւններդ
324
այնքան ինքնատիպ եւ հետաքրքրական են որ անոնք միշտ պիտի կարդացուին թէ՛ քու բարեկամներուդ եւ թէ հակառակորդներուդ կողմէ», ըսի։ Աւա՜ղ, իմ խորհուրդներս նախանձի ու թշնամութեան վերագրեց եւ միայն ա՛յն ատեն զանոնք վերոյիշեց եւ ինծի իրաւունք տուաւ (վկայ իմ բարեկամ ճարտարապետ Թիւրքեանը73), երբ արդէն շատ ուշ էր, եւ իր երբեմնի կարծեցեալ բարեկամները եւ անարժան պաշտպանեալները իր դահիճները պիտի ըլլային։ Արփիար իր ամբողջ կեանքին մէջ, իր գրիչով ու գործով` – իր գիտցած եւ հասկցած կերպով – ազգին ծառայելէ զատ ուրիշ հաճոյք եւ ուրիշ զբաղում չունեցաւ, ու մեռաւ անողոք քննադատի եւ պայքարող հրապարակագրի պատնէշին վրայ։ Ան եղաւ մեծ սխալող մը, բայց միեւնոյն ժամանակ մարդ մը։ Կովկասահայ – բացառութիւնները յարգելով – բացարձակապաշտ եւ դաժան սկզբունքներու անշարժական ժայռին կառչած քառակուսի գլուխ մտաւորականները երբեք պիտի չկրնային հասկընալ Արփիարի ներքին մարդը եւ անոր բո՛ւն ոգին, երբ անիկա` իր առեղծուածային խառնուածքով ու թեթեւամիտ նկարագրով դժուարհասկնալի մարդ մըն էր, նոյն իսկ տաճկահայ համեմատօրէն աւելի ճկուն եւ յարմարող մտաւորականութենէն շատերու համար։ Մեքենագիր, անտիպ, Գահիրէ, 2002
Կրճատուած տարբերակը` Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2003, հատոր ԻԳ., էջ 9-57։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Արփիար Արփիարեանի մասին ուսումնասիրութեան մը համար` քննադատ Արտաշէս Յարութիւնեանի գրի առած նոթերէն, «հաւանականօրէն 1910-ի ատենները», տե՛ս` Անդաստան, պարբերական գրականութեան եւ արուեստի, թիւ 15, Փարիզ, 1964, էջ 44։ 2. Նոյն տեղը, էջ 42։ 3. Երուանդ Օտեան, Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս, 1896-1908 (Անձնական յիշատակներ), Կ. Պոլիս, 1914, էջ 5-6։ Այս հատորը երկրորդ տպագրութեան ալ արժանացած է` Պատկերազարդ, Կ. Պոլիս, Տէր-Սահակեան Հրատարակութիւն, Տպագր. Մ. ՏէրՍահակեան, 1922։
Թերեւս աւելորդ չնկատուի այստեղ արտագրել նաեւ հետեւեալը. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԻՑ Մահու պատիժը հայերի վերաբերմամբ ընդունվում է միմեայն անպայման ապացուցված դաւաճանութեան դէպքում։ Վարչական Կենտրօն Տե՛ս Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, No 3, փետրուար [1892], էջ 12։
325
[Սակայն ի՞նչ] էր Արփիարեանի դէմ այս կատաղի հալածանքին պատճառը։ Կարելի է ըսել որ մէկէ աւելի պատճառներ կային։ Նախ Արփիարեան այդ թուականին բացառիկ դիրք մը կը վայելէր յեղափոխական շարժումին գլուխը։ Նմանը չգտնուած ժողովրդական թերթի մը` Հայրենիքի խմբագրապետն էր, Հնչակեան Պոլսոյ կեդրոնին անդամ էր, Մշակի եւ Հնչակի թղթակիցն էր. երկու թերթեր որոնք մեծ ազդեցութիւն ունէին յեղափոխական շրջանակներու մէջ։ Հայրենիքի հեղինակութիւնը շատ մեծ էր մանաւանդ Պոլսոյ մէջ։ Տարիէ մը ի վեր գրեթէ ան էր ազգային քաղաքականութիւնը վարողը։ Հայրենիքի ու անոր խմբագրապետ Արփիարեանի այս առաւելութիւնն ու հեղինակութիւնը բնականաբար արգելք մըն էին Դաշնակցութեան, որ չէր կրնար իր դիրքը զօրացնել այսպիսի հակառակորդներու հանդէպ։ Նոյն թուականներուն Պոլսոյ դաշնակցական ներկայացուցիչը կամ պետն էր Իւսուֆեան եւ ինքն էր որ սկսաւ Հայրենիքի ու Արփիարեանի դէմ պայքարը։ Եւ սակայն Իւսուֆեան մտերիմ բարեկամն ու խորհրդակիցն էր Արփիարեանի` մինչեւ որոշ թուական մը կամ` աւելի ճիշդը` մինչեւ այն օրն ուր զգաց թէ Արփիարեան զինքն ու իր ընկերները կը խաբխբէր։ Այսպէս` երկար ատեն` Իւսուֆեանէն ծածկած էր իր Հնչակեան ըլլալը, Դաշնակցութեան համակիր ձեւացած էր ու անոնց ծրագիրներուն հաղորդակից եղած էր, զանոնք Հնչակեան շահերուն գործածելու համար։ Իր այս ընթացքը երբոր ի վերջոյ երեւան ելաւ, բնականաբար բուռն զայրոյթ յառաջ բերաւ Դաշնակցութեան մէջ իրեն` եւ միեւնոյն ատեն Հայրենիքի հանդէպ։ 1895 Յունիսի Պապը Ալիի ցոյցէն ետքն էր որ Դաշնակցութեան հակառակութիւնը սկսաւ Արփիարեանի դէմ։ Այդ ցոյցը, ինչպէս յայտնի է, միմիայն Հնչակեան կուսակցութիւնը կազմակերպած էր, իբր թէ կառավարութեան վրայ ճնշելու եւ Հայաստանի բարենորոգմանց ծրագրին գործադրութիւնը փութացնելու համար եւ որ ուրիշ արդիւնք չունեցաւ այլ եթէ ընդհանուր ջարդերուն պատրուակ ըլլալ։ Այդ ցոյցին յաջորդեց ժողովուրդին եկեղեցիներու մէջ հաւաքուիլը, խանութներու փակումը, եւն. որոնց ամէնքն ալ Հնչակեան վարիչներու խորհուրդովն ու գործակցութեամբը եղան։ Երբ դեսպանական միջնորդութեամբ ժողովուրդը թողուց եկեղեցիները, երբ խանութները վերաբացուեցան եւ երբ առերեւոյթ հանդարտութիւն տիրեց, այն ատեն Դաշնակցական քօմիթէն սպառնագրերով պահանջեց որ հայերէն թերթերը ինքնաբերաբար դադրին` կառավարութեան դէմ ցոյց մը ըրած ըլլալու համար։ Այդպիսի ցոյց մը թէ՛ անիմաստ ու ապարդիւն պիտի ըլլար եւ թէ միանգամայն այնպիսի տագնապալից ժամանակ մը պիտի վտանգէր թերթերու արտօնատէրներն ու խմբագիրները, որոնք կառավարութեան կողմէ իբրեւ յայտնի յեղափոխականներ ու խռովարարներ պիտի նկատուէին։ Հայրենիք, Արեւելք եւ Ճէրիտէի շարքիէ հաւասարապէս ստացան կարմիր կնիքով նամակները։ Արեւելք եւ Ճէրիտէի իրար անցան եւ Զարեհ Եուսուֆեան, Բիւզանդ Քէչեան ու Տիգրան Ճիվէլէկեան փութացին մեզի մօտ հասկնալու համար թէ մենք ինչ պիտի ընէինք, որպէս զի իրենք ալ մեր օրինակին հետեւէին։ Բնականաբար ամէնքն ալ այդպիսի անխորհուրդ ցոյցի մը հակառակ էին եւ կը զգային թէ ի՜նչ փորձանքներ կրնար ստեղծել իրենց գլխին, բայց միւս կողմէ կարմիր կնիքը կար որ այդ թուականներուն մոգական ազդեցութիւն մը կ’ընէր ամենուն վրայ։ Յովհաննէս Շահնազար եւ Արփիար Արփիարեան բացառիկ կերպով յայտարարեցին թէ այս սպառնալիքին առջեւ տեղի չպիտի տային եւ Հայրենիքի հրատարակութիւնը պիտի շարունակէին եւ խորհուրդ տուին միւսներուն իրենց օրինակին հետեւելու։ Տե՛ս Օտեան, էջ 7, 13, 14, 15։ Ժամանակին հոգեվիճակը լրիւ ըմբռնելու համար, կարդանք նաեւ Դրօշակի խմբագրութեան ղրկուած Ա. Վռամեանի յաջորդական նամակները.
326
Կ. Պոլիս, 5/17 յունուար 1896 Գալով Արփիարի խնդրի, օրը մէկ նոր նոր բան երեւան կ’ելլայ։ Անցեալ օր այցելութեան գացած էի իրեն, խօսքի մէջ ըսաւ թէ առողջանալուն պէս պիտի ջանայ աղտոտութիւնները մաքրել ազգի մէջէն, ակնարկութիւններն անպակաս էին Մելիքի եւ Հրանտի նկատմամբ։ Տես` Դիւան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, հատոր առաջին, յաւելուած Հայրենիք ամսագրի, հրատարակութիւն Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի, Պոսթըն, 1934, էջ 256)։
Երկրորդը` Վահապ ստորագրութեամբ. Կ. Պոլիս, 6/18 փետր., 96 Այս վայրկեանին իմացայ թէ Հ. իր վերջին թուին մէջ Արփիարի սպանութեան փորձին մասին կատաղի յօդուած մը տպած է. տակաւին չեմ կարդացած, սակայն կը զարմանամ։ Սակէ շաբաթ մը առաջ Արփիարը յայտարարած էր թէ ինքը համոզուած է որ ոստիկանութիւնն է կատարել տուած այդ փորձը. քանի որ մինչեւ հիմա ոչ մէկ խուզարկութիւն, ոչ մէկ ձերբակալութիւն այդ փորձին առթիւ եղած է, ուստի Դաշնակցականները չէին։ Մեր կարծիքը կը հաղորդենք երբ որ յաջողինք կարդալ։ Մենք ենթադրեցինք թէ Արփ.ը պարզապէս սկսած է վախնալ մեր լուռ եւ յամառ դիրքը դիտելով, ժողովուրդին իր դէմ տածած անվստահութիւնը տեսնելով. եւ գրգռել ուզած չէ մեզ, ուստի եւ այդ լուրը տարածած է. բայց Հ. իր այդ յիմար ընթացքով գործը աւրեց. կը կարծեմ ուրիշ տեսակ պէտք է պատասխանել անոր, խօսքով եւ գործով։ Ինչ որ է` կը կարդանք եւ ապա։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 272։
Երրորդ նամակը` նոյնպէս Վահապ ստորագրութեամբ. Կ. Պոլիս, 10/22 փետր., 96 Արփիար երկու օր առաջ Եւրոպա գնաց, կամ, ինչպէս կ’ըսեն իր մարդիկ, փախաւ. լաւ գտան փախչելու պէտք ունեցող մը։ Ճիշտ զուգադիպութիւն Հ.ի վերջին հրատարակութեան հետ. campagne սկսելու են։ Ձեր կարծիքը չհաղորդեցիք դեռ. մտադի՞ր էք բան մը գրելու. մեր կարծիքն է արհամարհել ու անցնիլ. մեր շարժառիթները չեն կրնար փոխուիլ այդ խեղճուկներուն ձգած ձեռնոցներէն։ Արդէն պիչը քամի մտած գիծ-մոզիի վիճակին մէջն են. Զէյթուն խայտառակութիւն մը եղաւ իրենց համար։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 282։
Բաւական ժամանակ ետք, կը հաղորդուի. Դրօշակի յամառ լռութիւնը չարագուշակ թւեցաւ, եւ դաւաճանն ըլլալիքը գուշակելով, 1896 փետրուար 8/20ին, կծիկը դրաւ Պօլսէն, ոստիկանութեան աջակցութեամբ։ Տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899, խմբագրութեան ծանօթութիւնները, էջ 38։
Քառորդ դար ետք, նոյն պատահարը` իր յարակից պատճառներով, Երուանդ Օտեան կը ներկայացնէ որպէս գրական յիշատակ. Արփիարեան բացի Հայրենիքէն, կանոնաւորապէս կ’աշխատակցէր նաեւ Մշակին ու Հնչակին եւ այս կերպով բարոյական մեծ ազդեցութիւն մը ձեռք բերած էր եւ իրեն դէմ գրգռած էր շատ մը հակառակութիւններ։ Պապը Ալիի ցոյցէն ետքը, որ Հնչակեան ցոյց մըն էր, այդ հակառակութիւնը աւելի սաստկացաւ։ Ձեռքի տակէ սկսան վարկաբեկել թէ՛ Արփիարեանը եւ թէ Հայրենիքը զոր կը ջանային ներկայացնել
327
իբրեւ Ոստիկանութեան նախարար Նազըմ փաշայի պաշտպանութիւնը վայելող թերթ մը։ Պօյքօթի պէս բան մըն ալ փորձեցին Հայրենիքի դէմ որ չյաջողեցաւ։ Բերնէ բերան լուր կը տարածէին որ ամէն շաբաթ Շահնազար, Արփիար եւ Բաշալեան Նազըմի բնակարանը կը ճաշեն, եւլն. բոլորն ալ անլուր զրպարտութիւններ։ Բոլոր ասոնք ցոյց կուտային սակայն որ Արփիարի դէմ հակառակութիւնը երթալով կը սաստկանար։ Անստորագիր նամակներ, խուլ սպառնալիքներ պակաս չէին։ Նոյն իսկ տէրօրի խօսքեր մէջտեղ ելան։ Արփիար այնպէս կը հաւատար թէ Դաշնակցականները, իր գլխաւոր, կամ աւելի ճիշտը, միակ թշնամիները պիտի շհամարձակէին զինքը տէրօրի ենթարկել եւ ասոր համար իր անձնական պաշտպանութեան բնաւ հոգ չէր տաներ։ Այդ միջոցին ինք իր եղբօր Տիգրանին եւ ծերունի մօրը հետ կը բնակէր Տիկին Սանճաքճեանի տունը, Բանկալթի, Ս. Յակոբի Հիւանդանոցին պատկանող տան մը մէջ։ Իրիկուն մը, ուշ ատեն, Թաքսիմի մարզարանին առջեւէն անցած ատեն, յանկարծ մէկը կը ցցուի իրեն դէմ ու քանի մը դաշոյնի հարուած տալէ ետքը, խոյս կուտայ։ Արփիար կը զգայ թէ վիրաւորուած է, բայց բոլոր ուժը հաւաքելով կը փութայ տուն ու զանգակը կը զարնէ։ Հազիւ թէ դուռը բացուած, զգայազիրկ կ’իյնայ գետին։ Անմիջապէս բժիշկներ կը կանչուին որոնք կը հաստատեն թէ վէրքերը թէեւ ծանր, բայց մահացու չեն։ Հետեւեալ օր Շահնազար այս մահափորձը կը պատմէ Հայրենիքի մէջ այնպիսի մեկնութիւններով որոնք հաճոյ չեն թուիր կառավարութեան եւ թերթը կը խափանուի անպայման կերպով։ Արփիարի ապաքինումը կը տեւէ ամիսէն աւելի, որու միջոցին Լեւոն Բաշալեան կը հեռանայ Պոլսէն նախ Սելանիկ, իր մօրեղբոր քով երթալու եւ անկէ ալ Եւրոպա անցնելու համար։ Իսկ Արփիար ոտքի ելլելէ քիչ յետոյ, ծածկաբար կը հեռանայ Պոլսէն եւ կ’երթայ Լոնտոն։ Տե՛ս Երուանդ Օտեան, «Գրական յիշատակներ, 1894-1914», Ոստան, Կ. Պոլիս, 1920, Գ. տարի, թիւ 19-20, էջ 803-804։ 4. Տե՛ս Ստեփան Շահպազ, Արփիար Արփիարեան, Պէյրութ, տպարան Ալթափրէս, 1987, էջ 78։ 5. «Ժամանակէ մը ի վեր` Վերակազմեալ Հնչակեան դրօշին տակ սպրդած կարգ մը ինքնակոչ եւ իրենք զիրենք Հնչակեան բանակին առաջնորդ ցոյց տուող ու այս անունով հրամաններ, սպառնալիքներ խրկող եւ դաւադրութիւններ ու ոճրագործութիւններ սարքող նորելուկ խմբակին ընթացք»-ին իրազեկ, Գահիրէի Հնչակեան ընկերներէն` Ապահ, «անդրադառնալով այդ խումբին ազգավնաս ընթացքին ու արդէն կատարուած չարիքներէն նախագուշակելով դեռ կատարուելիքները», Բաց նամակի մը մէջ կը յայտնէ. Միթէ Պ. Արփիար Արփիարեանը սպաննելու համար Եգիպտոսէն Վենետիկ տէռօռներ խրկողները ասոնք չեղա՞ն։ Ինչո՞ւ, ի՞նչ կ’ուզէին այս երեսուն տարուան ազգային գործիչէն։ Որովհետեւ` յիշեալ անձը թէ 1896ին թէ 1898ին Հնչակեան Ընդհ. Ժողովներէն Կեդրոնի անդամ ընտրուած ըլլալով, ինքնաբերաբար հրաժարական տուած ու պահանջած էր որ Կեդրոնին համարատուութիւնը Պատգամաւորական Ընդհ. Ժողովին ներկայացուի ըստ օրինի։ Այս արդար եւ օրինաւոր պահանջումին վրայ զինքը սպաննել ուզեցին, որպէսզի` անոր հրապարակ նետած տօլանտրճիութեան ամբաստանութիւնը, Կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովին մէջ չի քննուի. որովհետեւ շատ մը ուրիշ յայտնութիւններ ալ երեւան պիտի գային, որով այդ նորամուտ խումբը Կուսակցութեան կողմէ պիտի հալածուէր ու պիտի ջախջախուէր։ Տե՛ս Ապահ, Պատասխանատուները. բաց նամակ, բոլոր Հնչակեան ազնիւ զինուորնե-
328
րուն, Գահիրէ, 10 Մարտ 1906, էջ 3, 10։ 6. Տե՛ս Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, «Արփիար Արփիարեանի դէմ Վենետիկի մէջ առաջին մահափորձը», Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 15 Մարտ 1974, էջ 2։ 7. Տե՛ս նոյն տեղը։ 8. Տե՛ս նոյն տեղը։ 9. Տե՛ս Յուշարձան ողբացեալ Արփիար Արփիարեանի. մահարձանին բացման առթիւ, Գահիրէ, 16 Յուլիս 1911, մեծանուն գրագէտին եւ ազգանուէր գործիչին կը նուիրէ հիացողներու անունով Յուշարձանի Յանձնախումբը, տպագր. Զարեհ Ն. Պէրպէրեան, Գահիրէ, էջ 23-26։
Եղեռնէն ետք, Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի փիլիսոփայական տրտում մտածումներուն մէջ կը կարդանք. Այն կլորիկ, թոնթոշիկ, դողդոջուն մարդուկը` որ չորեքշաբթի գիշեր, Իսմայիլիէի ազնուապետական թաղին մէկ փողոցին անկիւնը, մութին մէջ դիտապաստ ինկաւ, որուն փեռեկ փեռեկ արիւնլուայ մարմինը Գահիրէի մտաւորական երիտասարդութիւնը ուսամբարձ Մարմինայի գերեզմաննոցէն ներս մտցուց ուրբաթ օր, ձմրան լռիկ ու խոնաւ մթնշաղի մը. այդ մարդուկը հսկայ մըն էր սակայն։ Հսկայ մըն էր, որովհետեւ վերջին երեսուն տարուան հայկական կեանքը` Կովկասէն մինչեւ Թուրքիոյ յետին սահմանները, ու արտասահման, իր աղմուկովը լեցուց, իր աղմուկովը թնդացուց, իր սարսուռովը սարսռացուց։ Երկար ատեն, իր ցնցումները` պիտի տեւեն, իր աղմուկը` գերեզմանին փոսէն ալ անդին, պիտի լսուի դեռ, եւ կարելի չէ հաշուել այն ժամանակը` ուր հայութիւնը այլ եւս պիտի դադրի Արփիար անունի հմայքէն սարսռալ, անով արբենալ, անով ոգեւորուիլ, անով արիանալ, անով զգաստանալ, անով ընդվզիլ։ Հսկայ մըն էր ան` որովհետեւ, բոլոր այն հազուագիւտ էակներուն պէս որոնք ճակատագրականօրէն իրենց ճպոտին ծայրովը ամբոխները կը շարժեն, օրին մէկը չաստուած մը եղաւ երկրպագուներով ամբարտակուած, ալէլուեաներու եւ փառաբանութիւններու թանձր խունկի մը տակ ծածանուտ, ուրիշ օր մը գետնաթաւալ, պատուանդանընկէց խորտակուած կուռք մը ըլլալու համար հայհուչներէ ու անէծքներէ հալածուած, յետոյ յաղթանակով նորէն կանգնելու համար իր խարիսխին վրայ, նորէն պաշտուելու, նորէն փոթորկելու, եւ վերջապէս նորէն իյնալու համար ճշմարիտ հսկայի մը շառաչիւնովը։ Ոճրախանձ հրէշներու արարքին տխուր ոդիսականը հարկ իսկ չեմ տեսներ ընել, թէեւ ասիկա եղեռն մը ըլլայ, որուն համար ամբողջ ազգ մը մէկ շարժումով ոտքի պիտի ելլար «վրէ՜ժ» աղաղակելով, եթէ սակայն մեր ազգը կործանումի այն վայրէջքին վրայ չըլլար, ուր արագավազ կը սահի կ’երթայ հիմա։ Անսահմանելի ոճրի մը սահմանումը թող ա՛լ պատմութիւնը ինք ընէ, իր ահաւոր ու անջինջ դատակնիքովը։ Անհետացած մեծ մարդուն յիշատակին առջեւ ոճիրը ինքնին կը գռեհկանայ ինծի համար, ատանկ անասնական, անմարդկային բանի մը զոհը ալ չեմ ուզեր նկատել այդ եզական դէմքը` որուն ծարաւակէզ կարօտը պիտի քաշեն ոչ միայն իր պաշտողները, այլ եւ իր մարդասպաններն իսկ, որոնք` գուցէ, օր պիտի գայ որ լալահառաչ ձեռուընին ծնկուըներնուն պիտի զարնեն անոր արունը խմած ըլլալնուն համար...։ Տե՛ս Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, «Արփիար Արփիարեան եղեռնէն ետքը», Մեր տարեցոյցը, [Ա. տարի], 1910, էջ 159-160, 162։
329
Արշակ Չօպանեան առանց մաս կազմելու Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան` որովհետեւ յեղափոխական գործիչի խառնուածք չէ զգացած իր մէջ, եւ ուզած է մտաւորականի իր անկախութիւնը պահել, սակայն` իր բոլոր կրցածը ըրած է, աջակցելու համար այդ կազմակերպութեան, որ իրեն թաքուն նպատակ ունէր` լուրջ պատրաստութիւններէ յետոյ, պատեհ րոպէի մը` Կիլիկիոյ մէջ ապստամբութիւն մը պայթեցնել, կը խորհրդածէ. Այդ ոճիրն ալ մաս կազմեց հայ ազատագրական շարժումը անպատուող արարք մը, առանց որ եւ է չափով նպաստելու հայ պայքարող ուժերուն զօրացման, ընդհակառակն իբր արդիւնք ունենալով ընդլայնել հակակրութիւնները Վեր. Հնչ. Կուսակցութեան դէմ եւ խորացնել ներքին անհամաձայնութիւնները որ արդէն սկսած էին զանազան պատճառներով` այդ կուսակցութեան մէջ։ Զգացած վրդովմունքս յայտնեցի Անահիտի յօդուածի մը մէջ, ուր եղերական մահով վերջացող այդ կեանքին արժանիքներն ու թերութիւնները առարկայականօրէն մատնանիշ ընելով հանդերձ, կը դատապարտէի վաստակաւոր գրագէտի մը եւ հանրային գործիչի մը դէմ կատարուած այդ ոճիրը։ Տե՛ս Ա. Չօպանեան, «Կիլիկեան երազը եւ Ալեքսան Արզուեան», Անահիտ, նոր շրջան, 1935, Զ. տարի, թիւ 3-4, Մարտ-Մայիս, էջ 44։ 10. Տե՛ս Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Պարիզ, 1932, առաջին հատոր, էջ 67։ 11. Տե՛ս Արսէն Երկաթ, «Արփիար Արփիարեան», Յուսաբեր, օրաթերթ, 6 Մարտ 1948, էջ 1։ Յաջորդ Շաբաթ օրուան Արեւ օրաթերթին մէջ, խմբագրապետ Վահան Թէքէեան յայտնի ընդվզումով կը պատասխանէ. Արփիար Արփիարեանի մասին ճիշդ եւ անճիշդ բաներ կը խօսուն, կը գրուին վերջերս` մեր քաղաքին դաշնակցական շրջանակներուն մէջ մասնաւորապէս։ Բանաստեղծ Վահան Թէքէեան կը յայտնէ այդ առիթով. Ես մէկն էի երեք դամբանախօսներէն – միւս երկուքն ըլլալով Վ. Մալէզեան եւ Եր. Սրմաքէշխանլեան – եւ յանուն մեր երեքին կը յայտարարեմ որ «կոկորդիլոսի արցունք», այսինքն կեղծ արցունքներ չէինք կրնար թափել` այն պարզ պատճառով որ մեր ցաւն ու յուզումը կեղծ չէին...։ Տե՛ս Վ. Թ., «Ճշմարտութիւնը. Պ. Արսէն Երկաթին համար», Արեւ, օրաթերթ, 13 Մարտ 1943։
Արփիարեանի դէմ եղած ամբաստանութիւններուն մասին վճռական խօսքը` պատմութեան թողլով, Հայրենիք օրաթերթին խմբագրապետ Մինաս Թէօլէօլեան կը գրէ. 12 Փետրուարի 1908ին, մինչ նպարավաճառի մը խանութէն դուրս կ’ելլէր առօրեայ իր գնումը կատարելէ ետք, Գահիրէի մէջ, իր երբեմնի գաղափարակից ընկերներուն կողմէ ահաբեկումի ենթարկուեցաւ ու եղերականօրէն կեանքի իր գիրքը փակեց հայ հրապարակագրային, հանրային եւ գրական անդաստաններուն վրայ արդիւնաշատ վաստակով յայտնի մեր մշակներէ Արփիար Արփիարեան` Կարմիր ժամուցի յեղափոխաշունչ հեղինակը, Վերակազմեալ Հնչակեաններու յառաջապահ բարեշրջականը, իրապաշտ գրականութեան դրօշակակիրն ու Արեւելքի հիմնադիր գաղափարաշունչ խմբագիրը։ Մղուած ենք միանալու անոնց` որոնք ցայտուն կը դարձնեն անոր գաղափարապաշտութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, որուն հաւատալու պատճառներ կու տան մեզի իր գրականութիւնն ու հրապարակագրութիւնը, անշահախնդիր մարդու ալ դիմագիծը։ Արդարեւ, Արփիարեան – ըստ լաւատեղեակներու – արհամարհած է միշտ նիւթական դիրքերն ու նիւթապաշտական ծարաւները, մերժած է
330
ոսկիին փայլը եւ այդ փառքով սոնքացող ազնուաշուքերու սակարկութեան փորձեր, «օրհնեալ գերդաստան»ներու փառասիրական տենչերը... Եղած է պարզ մարդ մը, պարզուկ գրագէտ մը, պանիրհացի մարդ մը` իր արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար նիւթին հեղինակութենէն...։ Տե՛ս Մ., «Երբ ետ կը նայինք... (անցքեր ու անձեր). Արփիար Արփիարեան (1852-1908)», Հայրենիք, օրաթերթ, 12 Փետրուար 1975, էջ 3։ 12. Տե՛ս Գուրգէն Մխիթարեան, «Դրուագներ Ա. Արփիարեանի կեանքէն (վկայութիւններ Արտաշէս Ազապլարի)», Նաւասարդ, հատոր Բ., պրակ 1, Պուքրէշ, 1925, էջ 8-9։ 13. Տե՛ս Հոսանք, Գահիրէ, Ա. տարի, 1/14 Յունուար 1912, թիւ 1, էջ 1, 3։ 14. Տե՛ս Մասիս, 1892, թիւ 3969։ 15. «Կ. Պօլսոյ հանրածանօթ յեղափոխական Միհրանի Սէմալի գիւղին մէջ ձերբակալութեան եւ ապա Պօլսոյ մէջ դատուելուն մասին» կարդալ` «Սասունի տեղեկագրութիւն», Դրօշակ, No 5, Նոյեմբեր 1893, էջ 6-7։ Միհրան Տամատեանի մասին կատարուած յուշագրութիւններէն եւ ուսումնասիրութիւններէն յիշատակելի կը նկատեմ` - Հէյվրհիլի Կարօն, «Միհրան Տամատեան (անձնական յիշատակներ)», Պայքար, օրաթերթ, Մայիս 1937։ Նոյնը` Արեւ, օրաթերթ, 8 Յուլիս 1937։ - «Ողբ. Միհրան Տամատեանի կենսագրականը` գրի առնուած հոգելոյս Թորգոմ Պատրիարքի կողմէ», Արեւ, օրաթերթ, 18 Օգոստոս 1945։ - Պ. Յ. Տեփոյեան, «Տամատեանի թերաւարտ յուշագրութիւնը» [էջ 34-174], Միհրան Տամատեան (1863-1945), Ուխտուածներ թիւ 1, Արեւի թերթօնը, Գահիրէ, 1956, 268 էջ։ - Գր. Կիրակոսեան, «Հեղինակաւոր օտարականի մը գնահատականքը. յեղափոխական Միհրան Տամատեանի մասին», Զարթօնք, օրաթերթ, 25 եւ 26 Հոկտեմբեր 1974, էջ 2։ Նոյնը` Արեւ, օրաթերթ, 2 Դեկտեմբեր 1974, էջ 2-4։ 16. Արփիար զոհ գնաց եղբայրասպան դաւակցութեան մը (Արզուեան եւ Ընկ. որ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան անունը իւրացնելով` շահագործեցին հայ յեղափոխութիւնը)։ 1908, Չորեքշաբթի, Փետրուար 12-ի գիշերը, ժամը 9-ին ատենները, Գահիրէի ազնուական մէկ թաղին անկիւնը` Շարա էլ Մանախ, ուր կը բնակէր հայ տէրվիշը, երբ դանդաղաքայլ կը քալէր դէպի իր բնակարանը, վայրագօրէն կը սպանուի կռնակէն` րեվոլվէրի երեք հարուածով..., մահը վայրկենական կ’ըլլայ։ Ոճրագործը` բնիկ Տիարպէքիրցի Պետրոս Հիւսընեան փախած պահուն կը ձերբակալուի ղաֆիրի մը եւ դռնապանի մը կողմէ. մեղսակիցները` որոնք կը հսկէին ոճրագործութեան, ծակէ ծակ կը փախչին, իսկ բուն թելադրիչները` օձիքնին ձեռք չեն տար եւ մէյ մէկ անկիւն կ’անհետանան։ Եգիպտական կառավարութիւնը մանրակրկիտ քննութեան կը ձեռնարկէ եւ մեղսակիցները լրջօրէն կը հետապնդէ, սակայն` միայն Հիւսընեան կ’ենթարկուի օրէնքին խստութեան եւ կը դատապարտուի մահուան...։ Հինգշաբթի առտու կանուխէն, աղէտաւոր լուրը ամբողջ Գահիրէի մէջ տարածուած է կայծակի արագութեամբ։ Լուսաբեր, որուն խմբագրապետն էր ողբացեալ Արփիարեան, զգայացունց յաւելուած մը հրապարակ կը հանէ իրիկուան դէմ, ոճիրը նկարագրելով եւ զոհին կենսագրականը ներկայացնելով, իր պատկերին հետ։ Տե՛ս Յուշարձան ողբացեալ Արփիար Արփիարեանի. մահարձանին բացման առթիւ, Գահիրէ, 16 Յուլիս 1911, մեծանուն գրագէտին եւ ազգանուէր գործիչին կը նուիրէ հիացողներու անունով Յուշարձանի Յանձնախումբը, Գահիրէ, տպագր. Զարեհ Ն. Պէրպէրեան, էջ 11, 19, 23։
331
Ոճրագործը` Պետրոս Հիւսընեան միշտ ջանացած է իր ինքնութիւնը պարտկել, սակայն` հրատարակուած իր լուսանկարէն ստուգելով, ամերիկաբնակ իր հայրենակիցները կրցած են հաստատել, թէ ան Յովսէփ Ալիփունարեանն է, Տիգրանակերտի Ալի Փունար գիւղէն, Ալփընարցի Կօկօի որդին, այդ օրերուն 27-28 տարեկան։ 17. Ֆրանսերէն intrigant բառն է` պճռտկան նշանակութեամբ։ Իր մտերիմներէն Երուանդ Օտեանի վկայութեամբ, Ուղղամտութիւնը կը պակսէր Արփիարեանի քով եւ այս եղած էր իր դէմ ցցուած հակառակութիւններուն գլխաւոր պատճառը։ Կատարեալ էնթրիկան մը եղած է ամբողջ կեանքին մէջ ու ասիկա ինքն ալ կը խոստովանէր։ Եւ իր նկարագրին այդ խաթարումը գրեթէ բնազդական էր իր մէջը։ Էնթրիկ կ’ընէր միմիայն էնթրիկի սիրոյն համար, առանց կարեւոր հարկի, առանց շահու կամ յաջողութեան ակնկալութեան։ Դիմացինը խաղի բերել` իր գերագոյն հաճոյքն էր, հոգեկան մէկ պէտքը։ Տե՛ս Երուանդ Օտեան, Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս, 1896-1908 (անձնական յիշատակներ), Կ. Պոլիս, 1914, էջ 13։
Կարելի՞ է իր փիլիսոփայութեան խտացումը նկատել հետեւեալ նախադասութիւնը. Հայ ժողովուրդը իբրեւ ազգ ապրելու համար բաժանումի եւ կռուի կարօտ է։ Տե՛ս Նոր կեանք, հանդէս ազգային, գրական, քաղաքական, Լոնտոն, Ա. տարի, թիւ 23, 1 Դեկտեմբեր 1898, էջ 356։ 18. 1867 թ., երբ խումբ մը ընկերներով Վենետիկ հասած է Ա. Արփիարեան, եւ Ռափայէլեան Վարժարանին մէջ բախտը ունեցած է Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի տեսչութեան շրջանին` մինչեւ 1870 թ. անոր ձեռնասունը դառնալու, վարժարանի անուան փոփոխութիւնը տակաւին տեղի չէր ունեցած։ Յաճախ կրկնուող այս շփոթը դարմանելու մտադրութեաբ, հարկ կը նկատեմ այստեղ ներկայացնել պատմական քանի մը նոթեր։ Վենետիկի Մեծ Ջրանցքին վրայ, Վարժարանին գործակալութեան վարձած Palazzo Pesaro կոչուած հոյակապ ապարանքին մէջ, 1836 Սեպտեմբեր 11-ին կատարուած է բացման հանդիսութիւնը։ Քանի մը տարի ետք, 1850 թ.` Ai Carmini թաղամասին մէջ կը գնուի Zenobio ընտանիքին պատկանող հրաշարուեստ պալատը` վենետկեան հին արուեստի այդ չքնաղ գործը, իր որմանկարային եւ կաւճածեփ դահլիճով, եւ հանդիպակաց անգլիական պարտէզով։ Աշակերտութիւն հոն փոխադրուելով, բացման հանդէսը տեղի կ’ունենայ նոյն տարուան Հոկտեմբերի 21-ին։ 1870 թ.` Փարիզի Commune-ի սարսափէն խոյս տուած Մուրատեան Վարժարանի որբացեալ եւ առանց յարկի մնացած սաները` կ’ապաւինին Ս. Մարկոսի դրօշին տակ, եւ Ռափայէլեան Վարժարանը գթութեամբ կը պատսպարէ զանոնք իր յարկին ներքեւ։ Այդ թուականէն սկսեալ, երկու վարժարաններու միացումով` կրթական այդ անուանի հաստատութիւնը կը կոչուի Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան, որ մէկուկէս դարու բեղուն գործունէութիւն ծաւալելէ ետք, իր դռները ընդմիշտ փակեց երկրորդ հազարամեակի վերջաւորութեան։ Տե՛ս Հ. Բարսեղ Վ. Սարգիսեան, Երկհարիւրամեայ կրթական գործունէութիւն Վենետկոյ Մխիթարեան Միաբանութեան, հատոր Ա. 1746-1901, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1936, էջ 145, 171, 175։ Տե՛ս նաեւ «Ի յիշատակ դարադարձի Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանաց, 1836-
332
1936», Բազմավէպ, 1936, թիւ 8-12, էջ 226-227, 558-559։ 19. Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Յուշիկք հայրենեաց հայոց, հատոր Ա., 1869, 539 էջ, հատոր Բ., 1870, 574 էջ։ Բ. տպ. 1922, 408 + 498 էջ։ Աշխարհաբարի վերածուած` տե՛ս Գրական ցոլքեր, թիւ 3, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1946, 165 էջ։ Հայրենասիրական պաթոսը պատմիչ ու բանադատ Ալիշանին երբեմն, յատկապէս Յուշիկներում դարձնում է վիպասան ու բանաստեղծ։ Յստակ, պատկերաւոր լեզուի ու ոճի, մտերիմ, ջերմ պատմելաձեւի շնորհիւ ընթերցողի երեւակայութեան առաջ կենդանի կանգնում են Վարդան Մամիկոնեանի, նրա դուստր Շուշանիկի, Լեւոն վեցերորդի, Խուլ Խաչիկի եւ շատ ուրիշների պատմագեղարուեստական կերպարներում։ Տե՛ս Հայ նոր գրականության պատմություն, հատոր առաջին, Հայկական ՍՍՌ ԳԱ Հրատարակչություն, Երևան, 1962, էջ 499։
Յուշիկներու մէջ գործածուած Հայկակը` Արփիարեան կ’ընտրէ որպէս գրական անուն. 1878 թ. գարունէն սկսեալ, ամբողջ երեսուն տարի, Թիֆլիսի Մշակ օրաթերթին մէջ, որպէս սեփական թղթակից, Հայկակ ստորագրութեամբ կ’երեւին Արփիարի թղթակցութիւնները, օրը օրին լուսաբանելով բազմապիսի հարցեր` կենդանի կապ հանդիսանալով արեւելահայ եւ արեւմտահայ հատուածներուն միջեւ։ Այս մասին որպէս խտացում, կարելի է կարդալ` Իմ անդադրում թղթակցութիւններս Մշակի մէջ, Մշակի ծաւալումը Պոլիս եւ Հայաստան, գաղափարներու փոխանակութեան հոսանք մը կը ստեղծէին ռուսահպատակ եւ թրքահպատակ Հայոց միջեւ, ու համերաշխութեան կապերով մեզ ամենքս կը միացնէին իրարու։ Արփիար Արփիարեան, «Հայաստան եւ Կ. Պոլիս», Նոր կեանք, Բ. տարի, 1899, թիւ 15, էջ 232։ 20. Արարատեան Ընկերութիւն հաստատեալ ի 15 Ապրիլ 1876. Օրթագիւղի մէջ, Պոլիս` խումբ մը խանդավառ երիտասարդներ` գլխաւորութեամբ Մինաս Չերազի, Արփիար Արփիարեանի եւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի կը կազմեն ընկերակցութիւն մը, որուն նպատակը կ’ըլլայ` «Պոլիս գտնուող հայ տղոց ձրիաբար ուսումն եւ արհեստ ուսուցանել»։ Ընկերութեան Հիմնական կանոնագիր եւ ներքին կանոնագիրը լոյս կը տեսնէ 1877ին։ 1876, 1877-1878 եւ 1878-1879 տարիներու Տեղեկագիրները լոյս տեսած են Յ. Պարոնեանի, Գավաֆեանի եւ Պ. Քիրիշճեանի տպարաններէն։ Արարատեանի հիմնադիրներէն` Արփիարեան կը պատմէ. Կ. Պոլիս 1876-ին կազմուած Արարատեան ընկերութիւնը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հայոց ուշադրութիւնը դէպի Հայաստան սեւեռեց։ Պոլսեցի մը` Մկրտիչ Փորթուգալեան` Հայաստան կ’երթար իբր Պոլսոյ կրթական եւ գաղափարական պատգամաւորը։ Թիֆլիսցի մը` Գրիգոր Արծրունի` կովկասեան ձեռքը անոր կ’երկնցնէր։ Վասպուրականը հայ հայրենիքը անձնաւորեց. Թիֆլիսն ու Պոլիսը անոր շուրջը բոլորեցան, եւ իրենց հետ, ամբողջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հայերը։ Հայաստանի մտաւորական վերածննդեան գաղափարն էր որ Արեւելեան եւ Արեւմտեան հայերը կը միացնէր։ Միեւնոյն ժամանակ կը ծագէր ռուսեւթուրք պատերազմը։ Ռուսական զէնքով ձեռք բերուած յաղթանակ մը բնականաբար հզօրապէս պիտի ազդէր Թուրքիոյ հայոց վրայ եւ զանոնք ուժգնօրէն դէպի ռուսահայերը պիտի մղէր։ Պատերազմին յաջորդեց Հայաստանի մեծ սովը։ Ռուսիոյ հայերը փութացին իրենց թրքահպատակ եղբայրները անօթութենէ փրկել։ Սրտակցութեան թուականը ողջունուեցաւ։ Այդ քանի մը տարուան ժամանակամիջոցին, Ռուսիոյ հայերը Թուրքիոյ հայոց ամենամեծ ծառայութիւններ կը
333
մատուցանէին, առանց փոխադարձ ակնկալութեան մը, վասն զի անոնցմէ ո՛եւէ կերպով օգտուելու հարկին մէջ չէին բարեբախտաբար։ Այս անշահախնդիր բարեացակամութիւնը մեծ ոյժ մըն էր համերաշխութեան գաղափարին համար։ Յարաբերութիւններու սկզբնաւորութեան բարեյաջող տարիները, Թուրքիոյ հայերը ո՛եւէ որոշ գաղափար մը չունէին Արեւելեան հայոց մտաւորականութեան վրայ։ Դեռ 1876-ին` Արարատեան հիմնարկութեան թուականը` Մշակը անծանօթ էր։ Նոյն իսկ այն Արարատեանները, որոնք քիչ յետոյ այնքան սերտ յարաբերութիւններ պիտի ունենային Կովկասու յառաջդիմական թերթին հետ, անոր երեւումէն չորս հինգ տարի ետքը անունն իսկ լսած չէին։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան, Գահիրէ, տպարան Յուսաբեր, 1944, էջ 106-107։
Յուշագիր Արփիար Արփիարեան` նոյն հարցին մասին ուրիշ անգամ ալ կ’անդրադառնայ. Պերլինէն երկու տարի առաջ, 1876ի սկիզբները, Պոլսոյ Օրթագեղ թաղը քանի մը երիտասարդ կը հիմնէին Արարատեան ընկերութիւնը որ երեք տարուան մէջ Վասպուրականի գեղերը նախակրթարաններ հիմնեց, ու Վան վարժապետանոց մը, եւ իր շրջանակին մէջ առաւ Տէրսիմը ուր Չարսանճախ, Բերրի, Խուփս, Չմշկածագ կը բացուէին Արարատեան վարժարանները, որոնց իր դրամը կը շռայլէր Կովկաս Մշակի միջնորդութեամբ։ Միեւնոյն ատենները նոր ընթացաւարտ քանի մը պատանի նոյն Օրթագեղ թաղը կը հիմնէին Արեւելեան ընկերութիւնը որ շուտով կը միանար Դպրոցասիրացին, տարիներ առաջ Կալաթա-Սէրայի Լիսէին մէջ հայ աշակերտներու հիմնած ընկերութեանը. ու այդ միացումով Մուշէն Ալաշկերտ գիւղական եւ կեդրոնական վարժարաններ կը բղխէին։ Կիլիկեանը 1879ին Ներսէս պատրիարքի հովանաւորութեամբ խանդավառ եռանդով կ’ընդգրկէր Կիլիկիան։ Հանրային բաղձանքը, մանաւանդ Կովկասէն, այս երեք ընկերութիւններուն միացումին կը ցանկար. 1880 յունիս 1ի կիրակին հիմակուան Կեդրոնական վարժարանի սրահին մէջ Տքթ. Ռափայէլեանի նախագահութեամբ միութիւնը կը հռչակուէր։ Ու տասնըինը տարի ետքը ուրիշ բժիշկ մը, Ռափայէլեանի բարեկամը, Արարատեան ընկերութեան 1878ի հանդէսին նախագահը, Ստեփան փաշա Արսլանեան, իր ձեռքովը հողը կը դնէ վերջին նշխարքները այս մարմնին։ Նոր կեանք, Բ. տարի, թիւ 11, 1 Յունուար 1899, էջ 164-165։
Վանի Վարժապետանոցին մասին` մանրամասնութիւններ կարելի է տեսնել, նոյն տեղը` թիւ 15, 1 Օգոստոս, 1899, էջ 230-232։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար տես` Արշակ Ալպօյաճեան, Մինաս Չերազ. իր կեանքը եւ գործը. իր 60 ամեայ յոբելեանի առթիւ, Գահիրէ, տպարան Յաբէթ-Պաղտասար, 1927, էջ 79-108։ Ամբողջական եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար տեսնել` Արփիար Արփիարեան, «Հայաստան եւ Կ. Պոլիս», Նոր կեանք, Բ. տարի, 1899, թիւ 13, էջ 196-198. թիւ 14, էջ 210-214. թիւ 15, էջ 228-232. թիւ 16, էջ 243-248. թիւ 17, էջ 265-271. թիւ 18, էջ 275-278։ 21. 1880 Յունիս 1-ին, Արարատեան Ընկերութեան կը միանան ԴպրոցասիրացԱրեւելեան եւ Կիլիկեան ընկերութիւնները, հիմնելու համար Միացեալ Ընկերութիւնք Հայոցը, որ կը հրատարակէ Հիմնական կանոնագիր միացեալ ընկերութեանց հայոց. ի 1 Յունիս 1880. նպատակ հայաբնակ գաւառաց մէջ կրթութիւն ծաւալել, Կոստանդնուպոլիս, տպագր. եւ վիմագր. Գ. Պաղտատլեան, 1890, 16 էջ։
334
Երկու տեղեկագիրներ լոյս տեսած են 1880-1881 եւ 1882-1883 տարիներու գործունէութեան մասին։ Միացեալի կազմութեան պարագաներուն, կազմալուծումին, վերակազմութեան եւ գործունէութեան դադրելուն մասին տե՛ս` «Հայոց Միացեալ Ընկերութիւնք Կիլիկիոյ մէջ», Միքայէլ Նաթանեանի ընդարձակ «Յուշեր եւ նօթեր»-ը, Պայքար բացառիկ, 1947, էջ 52-67։ Է. Կոստանդյան, «Միացյալ Ընկերություն Հայոց», Հայկական հարց. հանրագիտարան, Հայկական Հանրագիտարանի Գլխավոր Խմբագրություն, Երևան, 1996, էջ 331։ Այս մասին յանձնարարելի է կարդալ Րաֆֆիի «Նպաստենք» գրութիւնը։ Երբ Կ. Պօլսում կազմուեցին զանազան ընկերութիւններ` - «Արարատեան», «Կիլիկեան», «Դպրոցասիրաց արեւելեան» - Հայաստանում ուսում տարածելու նպատակով, մեզանից շատերը սկսեցին մտածել` ի՞նչ հարկաւոր են այսքան ընկերութիւններ, միթէ նպատակը միեւնոյնը չէ, աւելի լաւ չէր լինի եթէ բոլորը միանային, կազմէին մի ամբողջ եւ աւելի հիմնաւոր ընկերութիւն։ Մտածութիւնները իրաւացի էին։ Ընկերութիւնները կազմուած էին բարեգործական հիմունքների վրայ եւ պիտի պահպանուէին նուիրատուութիւններով։ Բայց մեր հասարակութիւնը չգիտէր` ո՞ր մէկին նուիրել իւր հանգանակութիւնները։ Բոլորը միեւնոյն ասպարէզում, բոլորը միեւնոյն նպատակի համար էին գործում։ Կ. Պօլսի հայերը, որոնք աւելի մեծ յոյսեր, աւելի մեծ ակնկալութիւններ ունին մեզանից, ռուսահայերիցս, - իհարկէ նիւթական օժանդակութիւնների կողմից, - ընկերութիւնները միացնելու հարցի մէջ ոչ միայն մեզ հետ համաձայն գտնուեցան այլ լիապէս կատարեցին մեր փափագը. մամուլի մէջ հրատարակուեցաւ որ ընկերութիւնները արդէն միացել են ընդունելով «Միացեալ ընկերութիւնք» անունը։ Այժմ ի՞նչ է մնում մեզ անել։ Այժմ մնում է մեզ կրկնապատկել մեր բարեգործական եռանդը, եւ մեր նիւթական զոհաբերութիւններով միացեալ ընկերութիւններին ուժ եւ խրախոյս տալ։ Մեզանից ամէն մէկը համոզուած է, որ ուսումը, կրթութիւնը, ամենագլխաւոր միջոցներն են, որոնք, թէեւ փոքր ինչ ուշ, թէեւ դանդաղ կերպով, բայց վերջապէս կը հարթեն աւելի հիմնաւոր ճանապարհ տաճկահայերի առջեւ մի ապագայ բարօրութեան հասնելու համար։ Մենք համոզուած ենք, որ Թիւրքիայի հայը դպրոցի մէջ պիտի գտնէ իւր վերածնութիւնը, իւր բախտը։ Եւ այն բարիքները, որոնցից մինչեւ այսօր զրկել էր հային բարբարոս Թիւրքիան, - այն բարիքները, որ եւրոպական դիպլօմատիան այնքան ժլատութեամբ է բաժանում հայերին, - հայի որդիները պիտի ստանան դպրոցական վարժապետի ձեռքից։ Բայց Թիւրքիայի հայը աղքատ է։ Թիւրքաց հարստահարութիւնը այն աստիճան քամել է նրա նիւթական զօրութիւնը, որ նա հազիւ թէ կարող է իւր դպրոցները կանոնաւոր, նպատակայարմար կերպով առաջ տանել, եթէ դրսից օգնութիւն չլինի։ Ռուսաստանի հայերը այժմ պէտք է կատարեն տաճկահայերի վերաբերութեամբ նոյնը, ինչ որ մի ժամանակ իրանց ոսկիներով անում էին Հնդկաստանի հայերը ամբողջ ազգի համար։ Ռուսաստանի հայերը, բնակուելով մի բարեկարգ պետութեան հովանաւորութեան ներքոյ, նիւթապէս աւելի բարեբախտ վիճակի մէջ են գտնվում, քան իրանց տաճկահպատակ եղբայրները։ Հնդկաստանի հայերը թողեցին ազգի համար խոշոր կտակներ, նրանց փողերով զանազան երկրներում հիմնուեցան բազմաթիւ դպրոցներ։ Ցանկալի կը լինէր, որ մենք հետեւէինք նրանց օրինակին։ Բայց մեր պահանջը համեստ է, մենք խոշոր կտակներ չենք պահանջում։ Մեզանից ոչ մէկի տնտեսութեան մէջ մի զգալի փոփոխութիւն չէր լինի, եթէ մեզ վրայ բարոյական պարտք կը դնենք իւրաքանչիւր տարի շարունակ կերպով, մեր կարողութեան համեմատ, մի քանի
335
րուբլ նուիրել Կ. Պօլսի միացեալ ընկերութիւններին։ Այդ րուբլիներից կը կազմուէին նշանաւոր գումարներ։ Ռուսաստանի հայերը «Արարատեան» ընկերութեան վերաբերութեամբ ցոյց տուեցին իրանց բարեգործական եռանդը, թէ որքան համակրում են կրթութեան գործին տաճկական Հայաստանում։ Յոյս ունինք, որ այժմ աւելի եւս պիտի բազմապատկեն իրանց զոհաբերութիւնները, երբ մասնաւոր ընկերութիւններից կազմուել է հոյակապ, հիմնաւոր ընկերութիւն։ Րաֆֆի, Տաճկահայք, տպար. Մ. Շարաձէի եւ Ընկ., Տփխիս, 1895, էջ 74-76։ 22. Գրիգոր Զօհրապ` որ մօտէն հետեւող մը եղած է Արփիարեանի հրապարակագրական նոր ուղիին, Մասիսի 1.8.1892 համարին մէջ, ներկայացնելով «Նոր լրագրութիւնը», կ’ըսէ. Պոլսոյ նոր լրագրութիւնը Արեւելքով կը սկսի. աւելի շատ իմաստասիրութիւն հանրային խնդիրներու, աւելի մօտ տեղեկութիւն եւրոպական ազգերուն վրայ, անհատական գձուձ խնդիրներն ու վէճերը` տեղի տալով ընդհանուր տեսութիւններու. հայ լեզուն, այս կամ խմբագրապետի գծած անձուկ սահմանները կոխոտելով, վերստացած իր ժողովրդեան բարբառի անկախութիւնը. խմբագրութիւնը` դադրելով արհեստ մը լինելէ, արուեստ դառնալու համար. գրական նոր սեռեր` գրական նոր մարդերու ձեռքով, ամէնքը միեւնոյն անփոփոխ նպատակին կապուած, հասարակութեան պէտքերուն ըմբռնումը։ Ահաւասիկ նոր լրագրութիւնը։... Նորերով` լրագրական արժանապատուութեան զգացումը խստութեամբ յայտնուած ու պահուած է միշտ. մուրացկանութիւնը դադրած է էջեր գրաւելէ թերթերու մէջ, նորերէն ոչ ոք շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ, եթէ իր թերթէն հատ մը, տասը հատ, հազար հատ գնեն կամ նուիրեն ասոր կամ անոր. դրամական աջակցութեան` քաջալերութեան` պատուակալ բառերու տակ նոր թերթերը ընթերցողներէն ողորմութիւն չեն ուզած եւ պիտի չուզեն երբեք։ Տե՛ս Գրիգոր Զօհրապ, Մեր կեանքէն..., Գահիրէ, 1945, էջ 45, 46։
Դարձեալ կարելի է օգտուիլ Ա. Արփիարեանի մասին Գ. Զօհրապի պատկերացումէն. Իրմով սկսած ու քաջալերուած է միշտ այն երիտասարդ գրողներու շարքը որ մեր հրապարակագրութեան այժմու ռամիկ, թէ որ կ’ուզէք հասկնալի ու սրտի մօտիկ հանգամանքը տուած են։ Ջուրի արձակումի մը պէս կու գայ, կ’անցնի, կը տարածուի, կը լայննայ, կ’անձկանայ ու կ’անհետի յանկարծ եւ օր մը անշուշտ պիտի գտնեն գետնին վրայ ակօս մը լրագրական արգասաւոր անցքին նշանակ։ Տե՛ս Մասիս, 1892, թիւ 3969։ 23. Տե՛ս ծանօթ. թիւ 19, վերջին բաժինը։ 24. Նուրեան Յովհաննէս էֆէնտի` ծնած է 1830-ին եւ եղերական վախճանը տեղի ունեցած է 1900-ին. եղած է Օսմանեան պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն եւ ազգային-հասարակական կարեւոր դէմքերէն մէկը։ Արփիարեան` իր սովորական ուղղամտութեամբ, ճիշտ բնորոշած է զինք. Թիւրքիոյ պետական ծառայութեան մէջ գտնուող Հայերը նշանաւոր երկու տիպար կը ներկայացնեն, Օտեան եւ Նուրեան։ Աւելի յառաջ տանելով իր անկեղծութիւնը, կ’ըսէ. Չեմ ճանչնար մէկը որ ինծի չափ Նուրեան էֆէնտիի դէմ կռուող մը հանդիսացած ըլլայ։ Երիտասարդութեան էն թարմ օրերէն, այն ինչ նոր գրել սկսած, մինչեւ վերջին ատեններս անդուլ անդադար կռիւ մղած եմ ընդդէմ այդ անձնաւորութեան, կամ աւելի ճիշդը` այն քաղաքական ուղղութեան որուն կը հետեւէր, ու հիմակ խղճիս քննութիւնը զիս ամօթապարտ չի թողուր։ Հին
336
գրածներէս բան մը չունիմ քովս, բայց կը յիշեմ մաքառումներս, անոնց պատմութիւնները, ու չեմ գտներ ջնջելու ո՛ եւ է կէտ մը։... Իր կենսագրութիւնը խառնուած է մեր ժամանակակից պատմութեան, որուն մէկ գլուխը այս էջերուն մէջ ամփոփած եմ, եւ այդ առթիւ ուրուագծած Նուրեանը իբր ազդեցիկ քաղաքական անձնաւորութիւն։ Եթէ պատեհութիւն ներկայանայ ինծի գրել մեր վերջի տարիներու պատմութեան ուրիշ դրուագներ եւս, առիթ կ’ունենամ այդ շահագրգռական ուրիշ երեւոյթներու ներքեւ ալ ուսումնասիրելու։ Տե՛ս Ա. Արփիարեան, «Անցեալի դէմքեր. Նուրեան», Նոր կեանք, Գ. տարի, թիւ 6, 15 Մարտ 1900, էջ 83։
«Իբր պարզ պատմագիր» «ժամանակակից պատմութեան էջեր» գրի առնելով, Արփիարեան ներկայացուցած է «Կ. Պոլսոյ Պահպանողական Վարչութիւնները», որուն Ա. շրջանը եղած է 1885-1887, Նուրեան էֆէնտիի վարչութեան տարիները։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Նոր կեանք, Ա. տարի, թիւ 1, 1 Յունուար 1898, էջ 3։ Նուրեանի մասին անցողակի ակնարկներ կարելի է գտնել նաեւ Ազգապատումի Գ. հատորին մէջ, հատուածներ` 2877, 2889, 2891, 2934, 2938, 2993, 2996, 2998, 3005։ Յատկապէս հատուած 2993-ին մէջ, շեշտակի բնորոշումը` «Նուրեան իսկական ատենապետը»։ Բաղէշի Գաւառական Ժողովէն` Ա. Արփիարեան երեսփոխան կ’ընտրուի Կ. Պոլսոյ Ազգային Ժողովին մէջ։ Իր յաճախակի խիստ քննադատութիւններուն պատճառով, Ժողովի Ատենապետ Նուրեան Յովհաննէս Էֆէնտի, օր մը` ինքզինքէն ելած, կը փորձէ բռնի կերպով ամպիոնէն վար իջեցնել զինք. այդ պահուն է` որ Արփիարեան շառաչուն ապտակ մը կ’իջեցնէ անոր։ Շատ պատկերաւոր է Գրիգոր Զօհրապի արտայայտութիւնը այդ մասին. «Ազգը Արփիարեանի ձեռքով ապտակեց զինքը»։ 25. 26. 27. Նշուած երեք թերթերու հրատարակութեան մասնակից ըլլալուն, Արփիարեան հետեւեալ ձեւով կը պատմէ. Պոլիս 1883ին կանոնաւորապէս մէկ օրաթերթ կը հրատարակուէր` Մասիսը. 1884ին հրապարակ ելաւ Արեւելքը. երկու օրաթերթ չկրցին միահաղոյն ապրիլ. Արեւելքի երեւումէն վեց ամիս ետքը 33 տարուան Մասիսը, յարատեւելու անկարող, վաճառուեցաւ նոր թերթին ընկերութեանը։ Արեւելք 1884 յուլիս 1էն սկսեալ Թիւրքիոյ Հայոց միակ օրաթերթը մնաց մինչեւ 1891 յուլիս 13։ Այդ թուականին Հայրենիք երբ իբր նոր հիմնարկութիւն մը երեւան եկաւ, մենաշնորհեալ ընկերութիւնը պարտաւորուեցաւ լուծուիլ եւ Արեւելքը անհատի մը աշխատութեանը յանձնել։ Կառավարութիւնը 1896ին Հայրենիքը վերջնապէս խափանելով Արեւելքի գոյութիւնն ալ վերջնապէս ապահովուած կը համարուէր. բայց քանի մը ամսէն ան ալ ջնջուեցաւ, ու Թիւրքիոյ Հայերը ատենի մը համար առանց օրաթերթի մնացին մինչեւ Բիւզանդիոնի սկզբնաւորութիւնը, որուն գրեթէ զուգադիպեցաւ Մասիսին իբր օրաթերթ վերերեւումը, փոխան նախկին Արեւելքին։ Դուռը 1897ին վերահաստատեց Արեւելքի արտօնագիրը որով Մասիսի շարունակութեանը պէտք չմնաց։ Եւ ահա միեւնոյն ծաւալով եւ միեւնոյն գնով երկու օրաթերթ 1897էն ի վեր բաւական բարեյաջող վիճակի մէջ կ’ապրին Պոլիս։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, «Կ. Պոլսոյ մտաւորական շարժումը», Նոր կեանք, Բ. տարի, թիւ 19, 1 Հոկտեմբեր 1899, էջ 296-297։
Ժամանակի գրական շարժումներուն մօտէն հետեւած Ա. Չօպանեանէն կը տեղեկանանք, թէ
337
Արեւելքի միջավայրին մէջ ... Արփիարեան, այդ օրերուն, շատ կարեւորութիւն չէր տար լեզուի մաքրութեան ու ոճի կատարելութեան։ Լեցուն էր գաղափարներով, եւ իր նպատակակէտն էր զանոնք արտայայտել. տոգորուած, տիրապետուած` պայքարի ոգիով եւ հեգնական մղումներով, իր գրիչը էն առաջ ատոնց գործիք դարձնել կ’ուզէր, կարելի եղածին չափ պարզ, գրեթէ արհամարհելով։ 1896-ին Պոլսէն փախչելով Եւրոպա գալէն ետքն է որ, երբ սկսաւ ինքն ալ Մերքիւր տը Ֆրանսի ընթերցող մը դառնալ, փոխեց իր գրելու ձեւը եւ արտադրեց արուեստի տեսակէտով լաւագոյն իր գործերը, աւելի ճոխ լեզուով, աւելի նուրբ ոճով։ Տե՛ս Արշակ Չօպանեան, «Լեւոն Բաշալեան եւ իր գործը», Պայքար, օրաթերթ, 18 Դեկտեմբեր 1976, էջ 2։ 1889-ի վերջերը, Արփիարեան, ուրիշ Հնչակեան գործիչներու հետ, կը ձերբակալուէր ու բանտ կը դրուէր, եւ Բաշալեան կը փախչէր Փարիզ։ Ատեն մը Մասիսը կը դադրէր։ 1891-ին, Արփիարեան բանտէն ելլելէն քիչ յետոյ, Յովհաննէս Շահնազարի հետ, կը հիմնէր Հայրենիք օրաթերթը, ուր Արեւելք-Մասիս սկսուած հայ գրական ու հանրային կեանքի վերանորոգման շարժումը իր գագաթնակէտին կը հասնէր։ Շահնազար հոն կը բերէր ոչ միայն իր փաստաբանական ասպարէզին վաստակած դրամը որ կարելի կը դարձնէր թերթին հրատարակութիւնը, այլ եւ ջղուտ, պայքարող հրապարակագրի մը գրիչը, որ յայտնութիւն մը եղաւ։ Արփիարեան կը շարունակէր իր համեղ քրոնիկները, երգիծական էջերը եւ ազատաշունշ հրապարակագրական յօդուածները (ազատաշունչ` ինչքան որ հետզհետէ խստացող համիտեան գրաքննութիւնը թոյլ կու տար)։ Տե՛ս նոյն տեղը, 21 Դեկտեմբեր 1976, էջ 2։
Հայրենիքը դարձաւ ամէնէն ժողովրդական թերթը զոր մինչեւ այն ատեն ունեցած ըլլար Արեւմտահայութիւնը, աղաներու տիրապետութեան տեղ դրաւ մտաւորականներու տիրապետութիւնը, զարգացուց քննադատական ոգին, գեղեցիկ գրականութեան սէրը տարածեց ժողովուրդին բոլոր խաւերուն մէջ, նպաստեց կազմելու մտաւոր արտադրութիւնները ջերմօրէն սիրող, անոնցմով ոգեւորուող հասարակութիւն մը, որ հետզհետէ ընդարձակուող ու կատարելագործուող ուժ պիտի դառնար` եթէ աղէտներու շարք մը չգար ամէն ինչ տակնուվրայ ընել։ Տե՛ս նոյն տեղը, 24 Դեկտեմբեր 1976, էջ 2։
Դարձեալ Արփիարեանն է` որ իր վերլուծող միտքով կ’արտայայտուի ժամանակին գրական լեզուին մասին. Կ. Պոլսոյ հայերը պզտիկուց գրաբար սորվելով, ականջնին կը լեցուի հոլովումներով, խոնարհումներով, դարձուածներով, որոնք բնական չեն երեւիր ընթացիկ լեզուի մէջ, իսկ գրութեան մէջ ալ կարծես անբնական չեն երեւիր։ Պոլսեցիներուն գրաբարի այս հակումը, որուն վրայ ուրիշ առթիւ կրնանք խօսիլ, գլխաւոր պատճառներէն մէկը եղաւ Կ. Պոլսոյ աշխարհաբարին պաշըպօզուքութեանը։ Որքան գրող` գուցէ այնքան ալ լեզու Պոլիս։ Կանոնաւորութիւնը նոր սկսած է մտնել, տասնեակ տարիէ ի վեր. Հայրենիքի հրատարակութեամբը սկզբնաւորութիւն եղաւ միօրինակ աշխարհաբարի մը հետեւելու գաղափարին։ Իսկ Կովկասի հայերը միօրինակ քերականութիւն մը ունին արդէն։ Թիֆլիսի ո՛ր թերթն ալ առնէք, կովկասեան ո՛ր հեղինակութիւնն ալ առնէք, ամէնուն ալ քերականութիւնը միեւնոյնն է։... Կ. Պոլսոյ գրողները իրենց նոր լեզուին կազմակերպութեանը մէջ գրաբարի աջակցութեանը շատ
338
դիմեցին, բայց ուղղակի Հայաստանի ժողովուրդին բարբառը չգիտցան։ Կովկասցի գրագէտը ուղղակի Հայաստանի բարբառը սորվեցաւ, բայց գրաբարէն հեռու մնաց։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան, էջ 70, 71։
Արեւելքի, Արեւելք-Մասիսի խմբագրութիւններու միացումին եւ Հայրենիքի հիմնադրութեան մասին իրազեկի եւ մասնակիցի շահեկան տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Արփիարեան. տե՛ս նշ. աշխ., էջ 101-106, 109-112, 124-128, 172-176, 179-181, 181-184, 185, 195։ Ներկայացուող ժամանակաշրջանին գրասէր երիտասարդներէն մէկը` նորելուկ բանաստեղծ Վահան Մալէզեան իր կարգին կ’ոգեկոչէ. Այդ միջոցին կը հրատարակուէին, իբրեւ գրականութեան ջահակիրներ, Հայրենիք եւ Արեւելք օրաթերթերը եւ Մասիս գրական շաբաթաթերթը, աշխատակցութեամբ ականաւոր գրողներու եւ տաղանդաւոր սկսնակներու։ Գրականութիւնը երբեք այն աստիճան տիրապետող չէր Կ. Պոլսի մէջ որքան այդ շրջանին. նոր շարժում մըն էր ան, որ կը զուգընթանար ազգային զարթնումին հետ, եւ այդ շարժումին գլխաւոր ռահվիրան էր, Յ. Շահնազարի եւ Լ. Բաշալեանի հետ, Արփիար Արփիարեան, իր սպայակոյտովը դիրք բռնած Հայրենիքի խմբագրութեան մէջ, որ ժամադրավայրը դարձած էր մեր առաջին յեղափոխականներուն եւ օրուան ամէնէն սիրուած գրողներուն։ Տե՛ս Անցած օրեր... յուշամատեան Գատըքէօյի գրական երեկոյթներու, 1892-1894, [Բարիզ , 1927, Գեղարուեստական Հայ Տպարան], էջ 34։ 28. Գրիգոր Զօհրապի վկայութեամբ, Իր մշտնջենական պատիւը պիտի ըլլայ մեր մէջ, իր «Օրուան կեանք»երովը` առաջին ինքը տանիլը, մօտեցնելը գրականութիւնը ժողովուրդին, փոխանակ ժողովուրդը բերելու անխախտ գրականութեան մը անմատչելի բարձունքին։ Տե՛ս Մասիս, 1892, թիւ 3969։ Գրական հանգամանք ունէին «Օրուան կեանքը» շարքերը, սկսած Արեւելքի 1884 թիւ 1-էն մինչեւ 1888 տարին, եւ Մասիսի մէջ 1887-1890 տարիներու ընթացքին եւ Հայրենիքի ու Նոր կեանքի մէջ ցանցառաբար։ Հ. Մեսրոպ Վ. Ճանաշեան, Պատմութիւն արդի հայ գրականութեան (վերածնունդի շրջանէն մինչեւ մեր օրերը), Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1953, հատոր առաջին, էջ 426։
Արեւելք օրաթերթի բաժիններից եւ ոչ մէկը այնպիսի աղմուկ չի հանում, որքան Արփիարեանի «Օրուան կեանքը» ակնարկները, որոնք տպագրւում էին Հրազդան ստորագրութեամբ։ Դրանք փաստօրէն կիսա-գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ էին, որոնք արծարծում էին քաղաքական հարցեր։ Դրանք արտացոլում էին Պոլսի ժամանակակից տնտեսական, քաղաքական եւ ազգային կեանքը։ Ոճը միանգամայն իւրօրինակ էր։ Հրազդանը կարողանում էր այդ բազմազան երեւոյթները ներկայացնելու համար ընտրել գրաւիչ պատմելաձեւ։ Հայ նոր գրականության պատմություն, հատոր չորրորդ, Երևան, 1972, էջ 378։ 29. «Հողվրտիք»ները` Շիրակ, 1905 թ. 1, 5, 1906, թ. 1, 1907, թ. 6, 8, 9, իր գրական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքի յուշերուն փունջերն են նուիրուած օրուան մեռելներու յիշատակին։ Առանց զուտ գրական քնարերգական էջեր ըլլալու, անոնք անկեղծ ու զգացուած շեշտ մը ունին, անդրշիրիմեան յարգանք մը անոնց` որ օգտակար ծառայութիւն մը մատուցած են իրենց ազգին, ու հիմա իրարմէ ցրուած` կը հանգչին զանազան վայրեր, հեռու խնամոտ ու գուրգուրոտ ձեռքերէ։ Ինքը կը ցանկայ
339
լրացնել պակասը այդ գթոտ սրտին, ու կը սփռէ ծաղիկ անոնց անշուք հողվրտիքին վրայ` խօսքի մը, տեղի մը մէջ մշտնջենաւորելու համար անոնց գործն ու յիշատակը, մոռացումի իսկական մահէն փրկելու ազնուական գաղափարով։ Տե՛ս Ճանաչեան, էջ 427։ 30. Կարմիր ժամուց վիպակին նիւթը` Արփիարեան յղացած է Լոնտոնի մէջ 1898 թ., սակայն, մասամբ` նախ տպած է Վենետիկ հրատարակած Հայ հանդէսին մէջ, 1902 թ., ապա` ամբողջութեամբ լոյս տեսած է Ս. Պետերբուրգի մէջ, Բանբեր գրականութեան եւ արուեստի, հանդէս վեցամսեայ, 1903, գիրք Ա., էջ 1-61։ Կարմիր ժամուց, արտատպուած Իրաւունքէն, Վառնա, Տպարան Իրաւունքի, 1908, 104 էջ։ Կարմիր ժամուց. վէպ ազգային ժամանակակից կեանքի, Կ. Պոլիս, Տպարան Արեւելք, ա.թ., 45 էջ։ Կարմիր ժամուց, Պէյրութ, Տպարան Ազդակ, 1937, 96 էջ։ Գրական եւ դաստիարակչական պահանջներու համաձայն, Կարմիր ժամուցի դպրոցական գործածութեան համար յանձնարարելի հրատարակութիւն է Գրական ցոլքեր 12ը, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1956, 87 էջ։ Հայաստանի հրատարակութիւններէն կարելի է յիշել «Հայ դասականների գրադարան» շարքով լոյս տեսած Արփիար Արփիարեանի Երկերը, Սովետական Գրող, Երեւան, 1987, էջ 309-370։ Վիպակին ամփոփումը տեսնել` Ճանաշեան, նշ. աշխ., էջ 434։ Ըստ աւանդութիւն դարձած կարծիքի մը, Կարմիր ժամուցը ազգային յեղափոխական կեանքէ առնուած վէպ մըն է, բայց իրականութեան մէջ` ան կը ներկայացնէ երկու հակընդդէմ տարրերու մտածելակերպը, պայքարը։ Տե՛ս Ստեփան Շահպազ, Արփիար Արփիարեան, Պէյրութ, Տպարան Ալթափրես, 1987, էջ 562։ 31. Արփիարեանի «հարցաքննութիւն»-ը հրատարակուած է Դրօշակի 15 Դեկտեմբեր 1899, Յաւելուածին մէջ, որուն համար Արփիար ըսած է` թէ «այդ հրատարակուած թուղթը առաջին տողէն մինչեւ վերջինը ամբողջովին կեղծաւորութիւն է»։ Իրաւաբանի մը հաստատումով` Այս ատենագրութիւնը (procès-verbal), ինքնին կեղծ ու շինծու է, ինչ որ իր առարկայական շարադրութեամբն իսկ կը յայտնուի իսկոյն։ Ով որ զայն շինած է, զայն շարադրած է` իր առաջին տողէն կը մատնէ իր տգիտութիւնը` հարցաքննութեան, մանաւանդ պատժական խնդիրներու առթիւ կատարուած ոստիկանական հարցաքննութեանց օրինական ամէնէն տարրական պայմաններուն հանդէպ, - մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ եղող հարցաքննութիւնը ոստիկանական նախարար մը կատարած է։ Տե՛ս Ստեփան Շահպազ, նշ. աշխ. էջ 266։
Հետաքրքիր ընթերցողներ` Ս. Շահպազի վերոյիշեալ հատորին մէջ կրնան գտնել. էջ 266-269, Ձերբակալութիւն 9 Նոյ. 1890 Ուրբաթ, Ոստիկանութեան հարցաքննիչ պաշտօնի հարցումները եւ Արփիար Արփիարեանի պատասխանները. էջ 270-272, Առաջին ատենագրութիւնը, 11 Նոյ. 1890. էջ 272-276, «Երկրորդ հարցաքննութեան» ատենագրութիւնը, 22 Նոյ. 1890. էջ 278, վերջին «հարցաքննութիւն», 12 Դեկտ. 1890։ «Հարցաքննութեան պատճէն»-ի եւ յարակից մանրամասնութիւններու մասին
340
տեսնել` թիւ 49 ծանօթագրութիւնը։ 32. Արշակ Չօպանեան կորովի կերպով կը յայտնէ, թէ Այդ թղթերը Դրօշակեան կուսակցութեան յանձնուած են Թիւթիւնճիեֆ մատնիչին ձեռքով։... Դրօշակի խմբագրութիւնը գիտէ որ Թիւթիւնճիեֆ այդ թղթերուն գիւտը կատարեց` Արփիարեանի հետ խմբագրական կռիւ մը ունենալէ անմիջապէս յետոյ։ Տե՛ս Անահիտ, 1900, թիւ 4-5, էջ 137։ 33. Մկրտիչ Ս. Թիւթիւնճիէֆֆ (Թիւթիւնճեան), ռումանահայ է։ Որպէս վիրաբոյժ վկայուած է Պուքրէշի բժշկական վարժարանէն։ 34. Յուշագիր Միհրան Տամատեան նախապէս գրած եւ ապա ջնջած է` «այնպիսի վտանգաւոր ճիւաղ մըն էր»։ 35. Դանուբ, Le Danube, Տէր եւ խմբագիր Մկրտիչ Ս. Թիւթիւնճիէֆֆ, լոյս տեսած է Ռուսճուքի մէջ, 1891-1892 թուականներուն, 16 համար, 8 էջերով, նախ` որպէս Հանդէս եօթնօրեայ, ապա` երկշաբաթաթերթ, որուն նպատակը եղած է զբաղիլ «Պուլկարիոյ եւ Ռումինիոյ հայ գաղթականութեան յառաջդիմութեան նպաստող հարցերով եւ իւր ներած սահմանի չափովն ալ տեղեկութիւններ հաղորդել այլուր գտնուող հայոց կեանքի նիւթական եւ բարոյական խնդրոց եւ անցից նկատմամբ»։ Մատենագիտութեան համար տեսնել` - Հայոց պարբերական մամուլը (1794-1934), կազմեց Գարեգին Լեվոնյան, Յերեվան, հրատարակություն Մելքոնյան Ֆոնդի, 1934, էջ 31։ - Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա (1794-1900), կազմեց Հովհ. Պետրոսյան, , Երևան, Հայկական ՍՍՌ Պետգրապալատ, 1956, էջ 631։ - Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտություն (1794-1967), կազմեց` Ա. Կիրակոսյան, Երևան, Հայկական ՍՍՀ Ալ. Մյասնիկյանի անվան Հանրապետական Գրադարան, 1970, էջ 256։ - Հայ պարբերական մամուլը. մատենագիտական համահավաք ցուցակ (1794-1980), կազմեց` Մ. Ա. Բաբլոյան, Երևան, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչություն, 1986, էջ 47։ 36. Ռուսճուքի մէջ նախքան իր սեփական տպարանը ունենալը, Մարսէյլի Մ. Փորթուգալեանի տպարանէն լոյս տեսած են Թիւթիւնճիէֆֆի հետեւեալ աշխատասիրութիւնները, երբեմն Ապլղարիպ գրական անունով. - Ազատութիւն Պուլղարիոյ եւ կենսագրութիւնք պուլղար ապստամբաց, աշխատասիրեց Մ.Ս.Թ., վիրաբոյժ ի Ռուսճուգ, Մարսէլ, հայերէն տպարան Մ. Փորթուգալեանի, 1888, 128 էջ։ - Իմ հայրասպան ընկերը (Կ. Պօլսոյ հայոց կեանքէն առնուած մի իրական վէպ), գրեց Ապլղարիպ, Մարսէյլ, հայերէն տպարան Մ. Փորթուգալեանի, 1889, 89 էջ։ - Մուսայ Պէյ եւ իւր սարսափելի եղեռնագործութիւնք, Ռուսճուք, 1892։ - Վաշխառուին աղջիկը. սիրավէպ, Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Կ. Պիպէրեան, 1894, 139 էջ։ - Ծածուկ մեղք մարդկային սեռի եւ կամ Ափրոդիտական հիւանդութիւնք, Տէր եւ հրատարակիչ Պ. Պ. Պալենց, Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Կ. Պիպէրեան, 1894, 72 էջ։ Մատենագիտութիւնը տեսնել` Հայկական նոր մատենագիտութիւն եւ հանրագիտարան հայ կեանքի, կազմեց Հ. Արսէն Ղազարոս Ղազիկեան, Մխիթարեանց, առաջին հատոր Ա-Մ, Վենետիկ, ի
341
տպարանի Սրբոյն Ղազարու, 1909-1912, սիւնակ 755-756։ 37. «Տինամիթներու պատրաստութեան գործին» մասին` առկայ գրականութեան մէջ որեւէ տեղեկութեան չհանդիպեցայ։ Պանք Օթոմանի գրաւումի կազմակերպիչներէն մէկը` միայն կը յիշատակէ Կուսակցութեան պատկանող «Իւսկիւտարի գաղտնի ձուլարան»-ին եւ «Բերայի արհեստանոց»-ին մասին։ Տե՛ս Արմէն Գարօ, Ապրուած օրեր, Հայրենիք տպարան, Բոստըն, 1948, էջ 94։ Յաւելեալ, կողմնակի տեղեկութիւններ պահուած են Կուսակցութեան դիւաններուն մէջ, որոնցմէ կը քաղեմ հետեւեալները. Մելիք ստորագրութեամբ, 8 յունիս թուակիր նամակը կը յայտնէ, թէ Բուլգարներու ներկայացուցիչը երկու օր է հոս եկած է յատկապէս մեզ հետ բանակցելու համար։ Անոնք կ’ուզեն գործել դինամիտով եւ մեր գործակցութիւն կ’ուզեն։ Մենք տակաւին բանակցութեան մէջ ենք, տակաւին վերջնական համաձայնութիւն չտուինք։ Տե՛ս Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, հատոր առաջին, Յաւելուած Հայրենիք ամսագրի, հրատարակութիւն Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի, Պոսթըն, 1934. Յ. Իւսուֆեանի նամակները Դրօշակի խմբագրութեան, էջ 238։
Մելիք ստորագրութեամբ, Կ. Պոլիս, 9 սեպտ., 95 Մակեդոնական ներկայացուցիչը վերադարձաւ 14 քիլոկրամ տինամիթով եւ կ’ուզէ որ միասին գործենք յայտնի պայմաններով։ Կը խոստանան հետզհետէ ուղարկել։ Այս օրերս պայմանագիրը կը վերջանայ։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 242։
Մելիք, Կ. Պոլիս, 18 սեպտ., 95, հինգշաբթի Մակեդոնացիներու լիազօրը եկաւ եւ յիշեալ թուղթերը բերաւ, որի իսկական պատճէնը ձեզի կ’ուղարկենք, որ անմիջապէս Խաժակը ճամբայ հանէք Սոֆիա, որ բանակցի անձամբ նախագահի` Թիւֆէնկչիեւի հետ։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 243։ Յ. Իւսուֆեան ստորագրութեամբ, Կ. Պոլիս, 11 հոկտ., 95 Այժմ մեր տրամադրութեան տակ ունինք ռումբ, ուժանակ եւ կը սպասենք։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 250։
Վահապ ստորագրութեամբ, Կ. Պոլիս, 8/20 փետր., 96 Պիտի կրնա՞ք մեզ համար դինամիտ եւ ռումբ պատրաստել տալ, այդ խորհա՞ծ էք, բանակցա՞ծ էք Թիւֆի հետ։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, Ա. Վռամեանի նամակները Դրօշակի խմբագրութեան, էջ 276։
Վահապ, Կ. Պոլիս, 10/22 փետր., 96 Կարելի է նաեւ օգտուիլ Թիւֆէն, որովհետեւ այդ մարդը լաւ յարաբերութիւն ունի բելժի գործի հետ եւ արդէն բերել տուած է եղեր բաւական քանակութեամբ անցեալ տարի։ Անոր ցոյց տուած միջոցաւ կրնաք շուտով յաջողիլ, մաքսի եւ այլ դժուարութիւններէն խոյս տալու համար։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 281։
342
38. Դրօշակ, Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութեան Օրգան, No 8, Յուլիս 1895, էջ 1, կը կարդանք. ՄԱՏՆԻՉ ՎԻՐԱԲՈՅԺ ԹԻՒԹԻՒՆՋԵՎԻ ԶԱՐԿՈՒՄՆ Սօֆիայից մեզ հեռագրում են. – Յունիսի 23-ին (ն.տ.) երեկոյեան ժամը 9-ին, Կ. Պօլսում դաշնակցականները զարկեցին նշանաւոր ՄԱՏՆԻՉ վիրաբոյժ ԹԻՒԹԻՒՆՋԵՎին։ Մատնիչը մերձ ի մահ է։ Ահաբեկիչները ազատ են։ Ժողովրդի ոգեւորութիւնը անսահման է։ Անսահման է նոյնպէս թիւրք կառավարութեան սարսափը։ Կառավարչական շրջանների մէջ ընդհանուր յուզում։ Մանրամասնութիւնները նամակով։ «Դաւաճան Մ. Թիւթիւնճիէվի դատապարտութեան տեղեկագիրը», Կ. Պոլսի Կեդրոնական Կօմիտէ Տե՛ս Դրօշակ, Յուլիս 1895, No 9, էջ 3-4։
Կ. Պոլիս, 25 յուլիս, 95, Մելիք կը տեղեկագրէ. ... անազնուաբար, անամօթաբար Թիւթիւնճիէվը կը ճգնին իրենց վերագրել։ Մենք եթէ գիտնայինք, որ տեղեկագիր եւս կը տպագրեն, մեր հերքումը աւելի խիստ կը գրէինք, բայց այդքան անամօթութիւն երբեք չէինք յուսար։ Թիւթիւնճիէվի ահաբեկիչները Արեւելեանի մօտ են, արդեօք օգտակա՞ր է անոնց բերնին ապտակ մը, հերքում մը տպագրել, թէ՞ ինչ կը կարծէք։ Բայց հոս բացի իրենցմէ, ալ շատեր սկսած են հաւատալ որ այդ մեր գործն է եւ ոչ Մեծապատիւ Մուրացկաններու, որոնց վարկը ալ ինկաւ։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 239։
Դրօշակ, No 10, Օգոստոս 1895, էջ 8, կը կարդանք. ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՀՆՉԱԿԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ Զարմանքով կարդացինք Հնչակի թիւ 9-ի մէջ Կ. Պոլսէն խրկւած լուր մը, որուն համաձայն իբր թէ հնչակեանները զարկած ըլլան դաւաճան Թիւթիւնճեէվը, մինչդեռ Դաշնակցութեանս Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէին նախագոյն որոշումով եւ տեղական կօմիտէներէն «Զոհ»-ին ահաբեկիչներուն ձեռքով ի գործ դրւեցաւ անոր մահւան վճիռը։ Չծանրանալով այն կէտին վրայ, թէ Յեղափոխութեան տեսակէտէն կարեւորութենէ իսպառ զուրկ է յեղափոխական ո՛ր եւ է արարքի մը այս կամ այն Կուսակցութեան ձեռքով կատարւած ըլլալը, - սա չափ միայն կուզենք դիտել տալ, որ թէ՛ Դաշնակցութեան Կ. Պոլսի Կեդրոնական Կոմիտէիս եւ թէ Հնչակեան կուսակցութեան Պոլսի Մասնաճիւղին համար պատւաբեր չեն կրնար ըլլալ երբէ՛ք այդ օրինակ սխալներ ու թիւրիմացութիւնները։ Ուստի կը յուսանք թէ Հնչակի խմբագրութիւնը պիտի փութայ իր սխալն ուղղելու ստուգագոյն աղբիւրներէ առնւած անմիջական տեղեկութիւններով։ Կ. ՊՈԼՍԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՕՄԻՏԷ ԱՆՀՐԱԺՇՏ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ (Հոկտեմբեր 1895) Թիւթիւնճիէվ կը սպաննուի Դաշնակցութեան հրամանով եւ վճռագործ կոմիտէին անմիջական քոնթրոլին ներքոյ, Հնչակեանները կը փութան իրենց վերագրելու այդ գործը։ Դաշնակցութեան Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն թէ՛ մասնաւորապէս եւ թէ՛ հրապարակաւ հրաւէր կը կարդայ Հնչակեաններուն ստուգելու եւ ապացուցանելու իրենց պնդածը. դեռ պիտի ապացուցանեն։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 223։ 39. Չայեան Էլիաս Էֆէնտին կարող եւ խոհական անձնաւորութեան համբաւ ստացած
343
է. ազգային շրջանակի մէջ` Քաղաքական Ժողովոյ ատենադպիր եղած է, իսկ Օսմանեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան մէջ` խորհրդականութեան օգնականի պաշտօնին հասած եւ անկէ ալ Պետական Խորհուրդին անցած է։ Մահացած է 1902 Ապրիլ 21-ին։ Տե՛ս Ազգապատում, Գ. հատոր, հատուած 3097։ Իր անուան յիշատակութեան կարելի է հանդիպիլ նաեւ 2993, 2996, 3075, 3119 հատուածներուն մէջ։ 40. Պարբերական մամուլի եւ պատմական գրականութեան մէջ դրական գնահատական արձանագրուած է Խարախանեան Ներսէս Վարդապետի եւ ապա Եպիսկոպոսի մասին։ Քղիի` 1890, եւ Մուշ-Տարօնի` 1889, Ընդհանուր վանահայր-առաջնորդութեան շրջանին, Իւր անձնւէր գործունէութեան համար, իբրեւ ժողովրդական հովիւ, նա տաճիկ բռնակալ կառավարութեան կողմից կրեց ամենայն հալածանք, եւ վերջին մի քանի տարիները անցկացրեց բանտում, որից ազատուեց միայն վերջին ժամանակները` [Իզմիրլեան] պատրիարքի եւ եւրոպական դեսպանների ազդու պահանջումների շնորհիւ։ Տե՛ս Դրօշակ, Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութեան Օրգան. I No 12, Սեպտեմբեր 1895, էջ 8-9։ II No 13, 15 Սեպտեմբեր 1895, էջ 7-8։ Գարեգին [Տ. Գարեգին Սրուանձտեանց Վանեցի] եպիսկոպոսին յաջորդեց Տ. Ներսէս եպիսկոպոս Խարախանեան (այն ատեն վարդապետ), որ քանի մը տարի հազիւ կրցաւ շարունակել իր առաջնորդական դժուարին պաշտօնը, եւ աքսորուեցաւ իբրեւ քաղաքական յանցաւոր Ս. Երուսաղէմի Հայոց վանքը։ Երուսաղէմի վանքին մէջ 12 տարիներ փակուած մնալէ յետոյ, շնորհիւ Սահմանադրութեան վերահռչակման, Տ. Ներսէս եպիսկոպոս Կ. Պոլիս դարձաւ, ուր երկրորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ առաջնորդ եւ ընդհանուր վանահայր Տարօնոյ վիճակին։ Տե՛ս Գաւազանագիրք. յաջորդութիւնք վանահարց ուխտիս Ս. Կարապետի Տարօնոյ, աշխատասիրեաց Կարապետ Վարդապետ Լուսարարեան, միաբան Ս. Կարապետի վանուց Տարօնոյ, Երուսաղէմ, ի տպարանի Առաք. Աթոռոյ Ս. Յակովբեանց, 1912, էջ 113114, 118։
Իր մասին ակնարկութիւններ տեսնել` Ազգապատում, Գ. հատոր, հատուածներ 3049, 3105, 3123։ «Հանգիստ Ներսէս Եպսկ. Խարախանեանի», Արեւ, ազգային շահերու օրկան, Աղեքսանդրիա, Ա. տարի, թիւ 28, 12 Յուլիս 1915, էջ 3։ Հմայեակ Գրանեան, «Անհետացող դէմք մը. Ներսէս Եպիսկոպոս Խարախանեան», Արեւ, թիւ 29, 14 Յուլիս 1915, էջ 2։
Տարօնի ժողովրդական վերազարթնումի գործին մէջ առաջնակարգ դեր խաղաց մեր բազմերախտ եկեղեցականներէն մէկը – Ներսէս վարդապետ Խարախանեան։ Իր անձնուէր գործունէութեան համար, իբրեւ ճշմարիտ ժողովրդեան հովիւ, նա շատ հալածանք կրեց թուրք կառավարութեան կողմէ եւ քանի մը տարի նոյն իսկ բանտ նստեց։ Արձակուեցաւ [Իզմիրլեան] պատրիարքի ու դեսպաններու կրկնակի դիմումներու շնորհիւ։
344
Քաջածանօթ էր երկրի պայմաններին, ինքը բնիկ տարօնցի (Մշոյ Յաւրանցի) լինելով։ Խարախանեան, Մկրտիչ Սարեան եւ բազմաթիւ եկեղեցականներ, Խրիմեանի հայրենաշունչ գաղափարներով սնած, պատրաստեցին Դուրան-Բարձրաւանդակի մէջ ազատասէր, յեղափոխական առաքեալներու սերունդ մը, որոնցմէ էին, ի միջի այլոց, Ագրիպասեան, Գէորգ Չաւուշ, Հրայր, Վաղարշակ, Գեղամ Տէր Կարապետեան եւ վարդենիսցի Մարգար վարժապետը։ Տե՛ս Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Պարիզ, 1932, առաջին հատոր, էջ 140, 141։ 41. Կ. Պոլսոյ մէջ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ունեցած է իր Կենտրոնական Կոմիտէն եւ երկրորդական կոմիտէները. Կուսակցութեան լիազօր ներկայացուցիչը եղած է Յովհաննէս Իւսուֆեան (Վահանեան կամ Մելիք), որ Պոլիս գացած է 1892 թ. վերջերը։ Յովհաննէս Եուսուֆեան` Մելիք ծածկանունով, Կուսակցութեան առաջին ուխտեալներու շարքէն էր, նոր Բայազետցի։ Ներսիսեան դպրոցը աւարտելէ եւ քանի մը տարուան ուսուցչութենէ յետոյ, նուիրուեցաւ ազատագրական շարժման։ 1895-ի աշնան ստիպուած եղաւ հեռանալ Պոլսէն, անցնիլ Ժընեւ ապա Ամերիկա, ուր մեծ զարկ տուաւ կազմակերպական գործին։ Մեռաւ 1920-ին, Լօզանի մէջ, 66 տարեկան։ Դաշնակցութեան լիազօրը` Յովհաննէս Եուսուֆեան հմուտ ձեռքով պատրաստեց նաեւ շարք մը յանդուգն ահաբեկիչներ, որոնք օր ցերեկով, բազմամարդ փողոցներու մէջ կը զարնէին դաւաճանները եւ կ’անհետանային։ Այդպէս, 1895-ին մին միւսին ետեւէ սպանուեցան Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ մահուան դատապարտուած առաջնակարգ հայազգի լրտես ու մատնիչներ, ոստիկան-կոմիսէր Հաճի Տիգրան, վիրաբոյժ Թիւթիւնջեվ, կարգալոյծ վարդապետ Մամբրէ եւ ուրիշներ, որոնք օսմ. ոսկիներէն հրապուրուած, դարձեր էին Նազըմ փաշայի հաւատարիմ գործակալներ եւ անոր ձեռքը կը մատնէին ու բանտերու մէջ կը փտեցնէին բուն յեղափոխական գործիչներուն հետ նաեւ բազմաթիւ անմեղներ... Տե՛ս Միքայէլ Վարանդեան, նշ. աշխ., էջ 158։ 42. 1908 թ., Կ. Պոլսոյ մէջ, օր մը պատահաբար Վահան Թէքէեանին հանդիպելով, Հրանդ կը խոստովանի, թէ` «ճիշդ է...։ Ես այն ատեն ալ հակառակ էի...։ Սխալ մըն էր կատարուեցաւ...»։ Գրականութեան պատմաբանի հայեացքով, Արփիարեան` Հրանդը կը ներկայացնէ հետեւեալ կերպով. Նոր գրականութեան առաջին շրջանին մէջ, շատ համակրանք գրաւող հեղինակներէն մէկը եղաւ Մելքոն Կիւրճեան` Հրանդ ծածկանունով ճանչցուած։ Երիտասարդ գրողը քանի մը տարիէ ի վեր ծանօթանալ սկսած էր, երբ 1888-89-ին Պանդուխտի կեանքէն նկարագրութիւններովը մէկէնիմէկ նշանաւոր հանդիսացաւ։ Հայերէն լեզուի այդ ուսուցիչը թէեւ ֆրանսերէնի քիչ շատ հմուտ, բայց եւրոպական ազդեցութեան չենթարկուեցաւ, գործնականապէս ցոյց տուաւ, թէ հնարաւոր է հայկական անարատ ոճով ալ գեղեցկօրէն գրել։ Քանի մը տարիէ ի վեր նոր երիտասարդութիւնը կը մտածէր, թէ Հայաստանի վիճակին բարւոքմանը համար Արեւմտեան Եւրոպայի վրայ մեր չափազանցօրէն յուսադրութիւնը, հայ ժողովուրդին մէջ օրէօր կը տկարացնէր ինքնօգնութեան գաղափարը։ Ըղձացեալ նպատակի մը հասնելու ապահովագոյն ճամբէն հետզհետէ կը խոտորէինք։ Ժողովուրդը` աչքերը Լոնդոն ու Պոլիս յառած` օտարին գթութեանը կը սպասէր, առանց ինքը իր վրայ գթալու։ Մեղկութեամբ կը թրծուէինք։ Հարկ էր ժողովուրդը ցնցել, անոր իմացնել` թէ թուրքէն բարեկարգութիւն պահանջուած պահուն, մենք ալ մեր ձեռքով գործադրելիք շատ բարեկարգութիւններ կրնայինք ունենալ։... Հայաստան թշուառ էր, բայց երջանի՞կ էին Պոլիս ապրող հայաստանցիները. եւ միթէ պոլսեցիները անոնց ցաւերը չէի՞ն կրնար
345
ամոքել։ Մասիս այս մտածութիւններովը տոգորուած, ուզեց որ Պոլիս ապրող հայաստանցի պանդուխտին` ղարիպին` կեանքը իր ամբողջ իրականութեանը մէջ ցոյց տրուի արունոտ հայ աշխարհին։ Մելքոն Կիւրճեան Հայաստանէն եկած էր տղայութեանը, միշտ յարաբերութեան մէջ կը մնար պանդուխտներուն հետ, ուստի քաջատեղեակ էր անոնց կեանքին. զանազան նիւթերու վրայ հրատարակած յօդուածներով ալ կրակոտ միտք մը փայլեցուցած ըլլալովը` Մասիսի խմբագրութիւնը զանիկա էն ձեռնհաս գրագէտը համարեց, հայ ժողովուրդը դարիպին թշուառութեան պատմութիւններովը տակն ու վրայ ընելու համար, հետեւաբար իրմէն խնդրեց` աղէտաւոր կեանքի մը պատկերացումը մեծ գծերով։ Կիւրճեան Հրանդ Մասիս շաբաթաթերթին 1888 Նոյեմբեր 28-ի թուին մէջ երեւցուց իր առաջին յօդուածը։ ...[Ա]յն Շաբաթ օրը որ այս առաջին Հրանդը պայթեցաւ, ...քառասուն հազար պոլսաբնակ պանդուխտները իմացան թէ իրենց համար խորհող մտքեր կան, իրենց համար բաբախող սրտեր կան։ Ղարիպն ու պոլսեցին կը միանային։ ...Իր աշխարհաբարը այն է որ հիմակ կը տիրապետէ իբր Պոլսոյ, ուստի եւ, Թուրքիոյ հայոց մատենագրական լեզուն։ ...Պանդուխտներու կեանքէն յօդուածներու շարքը անշուշտ, լաւագոյն օրերու մէջ, հատոր մը պիտի կազմեն, իբրեւ Արեւմտեան հայոց տասնեւիններորդ դարու վերջին քառորդին գրական ու պատմական կեանքին յիշատակարաններէն մին։ Այդ հատորը պիտի մնայ դասական գործ մը, եւ իր գեղարուեստական յատկութիւններովը, միշտ պիտի կարդացուի։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան, էջ 128-130, 132-133, 137-138։
Արփիարեանի եւ Հրանդի յարաբերութիւններուն մասին կայ հարցին իրազեկ եւ ժամանակակից Արշակ Չօպանեանի վկայութիւնը. Մատնիչի խնդրոյն գլխաւոր հեղինակներէն մին եւ անոր ամենէն եռանդուն տարածիչը «Հրանդ»ն էր. եւ ասի, ինծի համար, բաւական էր որպէսզի կասկած ունենայի այդ ամբաստանութեան լրջութեանը վրայ, որովհետեւ առիթ ունեցած էի շատ մօտէն ճանչնալու «Հրանդ»-ին նկարագիրը։... [Ե]րբեք չպիտի մոռնամ այդ գռեհիկ ու ծիծաղելի մարդուկին հետ այդ օրը ունեցած տեսարանս։ Հայրենիքով փարա՜ կը վաստկին կոր, կը գոչէր կաս-կարմիր եղած, ահագին փարա կը վաստկին կոր ու Սբլանտիտին մէջ կ’ուտեն կոր. յարձակինք իրենց վրայ, կոտրենք այդ թերթին վարկը որ խախտած է արդէն, Ծաղիկը Հայրենիքին տեղը պիտի բռնէ, եւ հազարաւոր բաժանորդներ պիտի ունենանք. բոլոր Դաշնակցականները մեզի հետ պիտի ըլլան...։ Մերժեցի այդ աղտոտ հաշիւին մարդը ըլլալ...։ Այդ օրէն մէկ կամ երկու ամիս յետոյ էր որ մատնիչի պատմութիւնը մէջտեղ նետուեցաւ։ Տե՛ս «Դէմքեր. Արփիար Արփիարեան», Անահիտ, 1901, թիւ 2, էջ 38-39։
Նոյն վկայութեան մէջ Չօպանեան կ’աւելցնէ. Այդ օրէն մէկ կամ երկու ամիս յետոյ էր որ մատնիչի պատմութիւնը մէջտեղ նետուեցաւ։ ...Հրանդ... վերջին պահուն, վերջին վէճ մը ունեցած էր Արփիարեանի հետ, լղրճուկ խնդրոյ մը առթիւ. Հրանդ կ’ուզէր որ Հայրենիքին մէջ ազդը տպեն սիֆիլիզի մասին գրքոյկի մը որուն հեղինակն էր Թիւթիւնճիեֆ լրտեսը։ Արփիարեան մերժած էր հրատարակել լրտեսի մը ազդը. ատկից շաբաթ մը յետոյ, Հրանդ զրոյց հանեց թէ Թիւթիւնճիեֆին միջոցով ձեռք ձգած է Արփիարեանի հարցաքննութեան թղթերը, որոնք կ’ապացուցանէին թէ Արփիարեան մատնած ըլլայ Վ. Տատեանը, Տր. Թիրեաքեանը, եւն։... Երբ սակայն իմացայ զրոյցը որ կը ձգտէր մրոտել Արփիարեանը, զզուանքով բողոքեցի զայն հրապարակ հանողներուն դէմ։ Հակառակ իր բոլոր թերութիւններուն, այդ մարդը մեր մէջ ամենէն նշանակալից դերերէն մէկը կատարած էր. Միացեալ Ընկերութեանց գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը
346
եւ Մշակի Հայկակը եղած էր, երեսփոխանական ժողովին մէջ էֆէնտիներու կուսակցութեան դէմ յանդուգն պայքար մղած էր, Արեւելքի եւ Մասիսի իր յօդուածներովը մեր մամուլը եւ մեր գրականութիւնը վերանորոգողներէն մէկն եղած էր, եւ` Շահնազարին հետ` հիմնողն եղած էր Հայրենիքին. անհուն ցաւ մը զգացի երբ տեսայ որ մեր ժողովուրդը, աններելի դիւրահաւանութեամբ մը, բնական կը գտնէր որ քսան տարի իր բացարձակ համակրանքը վայելած ու այս բոլոր գործունէութիւնը կատարած մարդ մը գիտակից լրտես մը կրնար ըլլալ. ցաւ զգացի, որովհետեւ մտածեցի թէ մեր ժողովուրդը խորապէս անբարոյականացած ըլլալու էր ուրեմն` քանի որ իր ամենէն սիրուած գործիչներէն մէկուն ոճրագործ մը ըլլալուն կարելիութիւնը մէկ օրէն եւ առանց դժուարութեան կ’ընդունէր։ Յետոյ, Արփիարեանին ներքին կեանքը գիտէի բաւական, եւ ան հերիք էր այդ զրոյցը քանդելու համար. ժուժկալ ու պարզուկ կեանք մը կը վարէր, միշտ թափթփած հագուստներով, միշտ գրպանը պարապ. եւ իր միակ զուարճութիւնը, միակ հաճոյքը, միակ կիրքը իր ազգային գրական գործունէութիւնն էր, որուն կը նուիրէր իր բոլոր ժամանակը։ Ի՞նչպէս կարելի էր ասոնք համաձայնեցնել Նազիմ փաշայէն լեցուն ամսական մը առնող լրտեսի մը հեքիաթին հետ։ Եւ վերջապէս կէտ մը կար ամենէն թելադրական. զրոյցը հանողները զայն կ’ուղղէին ոչ միայն Արփիարեանի անձին դէմ, այլ ամբողջ Հայրենիք լրագրին դէմ, եւ միանգամայն ամբողջ Հնչակեան կուսակցութեան դէմ։ Յայտնապէս, կուսակցական նկատումներ կային այդ զրոյցին ետեւը. այդ միջոցին Հնչակեան կուսակցութիւնը միակ ազդեցիկն ու հռչակաւորն էր Տաճկաստանի ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ, եւ մանաւանդ Պոլսոյ մէջ. Պոլսոյ Դաշնակցական գործիչները, մասնաւորապէս Իւսուֆեան եւ իր արբանեակները, շատոնց ի վեր առիթ մը կը ցանկային գտնել` այդ կուսակցութիւնը վարկաբեկ ընելու եւ անոր աւերակներուն վրայ Դաշնակցութիւնը բարձրացնելու համար. Արփիարեան, ճարպիկ, հնարամիտ ու ինքն ալ կուսակցամոլ, Պոլսոյ դաշնակցական վարիչները ամենէն աւելի նեղող մարդն էր. ...աղարտելով Արփիարեանը, կ’ուզէին կործանել նաեւ Հայրենիքը եւ Հնչակեան կուսակցութիւնը։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 39-40։
Դրօշակի խմբագրութեան գրած նամակին մէջ, Յ. Իւսուֆեան կը տեղեկագրէ. Հայրենիքը ամբողջապէս նոյնպէս այժմ մեզի դէմ զինուեցաւ եւ անոնց հետ դաշնակցեցաւ, կամենալով Հայկակը փրկել ասոր դէմ տարածուած լուրերը մեր չարամտութեանը վերագրել։ Կիւրճեան-Արփիարի խնդրին կ’ուզեն ուրիշ գոյն տալ մեզ ալ մէջը խառնել, բայց մենք ամէն ջանք ըրինք մինչեւ վերջը թոյլ չտալ ոչ մի կերպով, որ ատոնք յաջողին իրենց չար նպատակին մէջ։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 248-249։
Արդէն, երկտող տեղեկութեամբ` Կուսակցութիւնը հերքած է Մելքոն Կիւրճեանի մասին եղած ամբաստանութիւնները. Արփիարեանի գործին այնպէս կուգայ որ Պօլսի Կեդր. Կօմիտէն կազմւած ըլլար երեք անձերէ` կովկասցի մը X., Մելքոն Կիւրճեան եւ Յ. Ե.։ Իրողութիւնը սա է, որ ո՛չ այդ կովկասցին եւ ո՛չ պր. Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ)` չեն պատկանած Պօլսի դաշնակցական ո՛չ մէկ խմբի եւ ո՛ եւ է մասնակցութիւն, հետեւաբար եւ պատասխանատւութիւն չեն ունեցած Դաշնակցութեան Պ. Կեդր. Կօմիտէի գործերուն մէջ։ Տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899, էջ 37։
Մելքոն Կիւրճեանի գրական արժանիքները գիտնալու համար, կը յանձնարարուի կարդալ` Հայ նոր գրականության պատմություն, հատոր չորրորդ, Երևան, 1972, էջ 535-542։
347
Վկայակոչուած այլազան բացասական կարծիքներէն ետք, կ’արժէ պահ մը տեսնել դաստիարակ-ուսուցիչ Մելքոն Կիւրճեանը. Դեռ զինքը կը տեսնեմ դասարանէն ներս, իբր հաւատքի ու տառապանքի մարդկային արձան մը։ Դեռ կը լսեմ իր ջերմեռանդ ձայնը, որ կը պատգամէր ամէնուս... Սեղանին դէմ կեցած իր պարզութեան եւ մաքրութեան մէջ, ձայնը` խորունկ եւ յուզումէն մրրկավար, Մելքոն Կիւրճեան պանթէոն մըն էր ամբողջ, որուն դռները լայնօրէն կը բացուէին ու մենք սխրանքով մը կը դիտէինք սերունդներու կերտած մտաւոր յիշատակարանները։ Հարկ կը համարեմ մատնանիշ ընել, թէ ներկայացուած հատուածները` հազիւ տասնմէկամեայ տղեկի մը կրած խոր տպաւորութիւնն են...։ Տե՛ս Եդուարդ Սիմքէշեան, Ջահակիրները, Ա. հատոր, Իսթանպուլ, հրատարակութիւն Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան, Ուսուցչաց Հիմնարկի, Յակոբ Աբէլեան տպարան, 1973, էջ 57 եւ 58։ 43. Աւետիք Լալայեանց եղած է Կ. Պոլսոյ մէջ «Մանթաշեանի առեւտրական ներկայացուցիչ»-ը, ինչպէս նաեւ նոյն քաղաքին Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչ` Յովհաննէս Իւսուֆեանի գործակիցներէն մէկը։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 242։ 44. Դաշնակցութեան հետ Արփիարեանի յարաբերութեան մասին` Յ. Իւսուֆեան 11 Հոկտեմբեր 1895 թուակիր նամակով, Կ. Պոլիսէն կը տեղեկագրէ Դրօշակի խմբագրութեան. Հայկակը ալ չափ ու սահման անցաւ շնորհիւ Պոռնիկի, որի քթից բռնած արջու պէս պար ածեց ու Պոռնիկի շնորհիւ կրցաւ մերիններէն յականէ անուանէ ճանաչել։ Մեր շատ գաղտնիքներ շնորհիւ Պոռնիկի, նոյնիսկ մեր Պարսկաստանի զինարանը Պոլսի հրապարակի վրայ է։ Չնայելով այս ամենուն ժողովրդի մէջ «Հայրենիքեաններու» դէմ զայրոյթը ալ չափ ու սահման չունի, թերթերը կը պատռուին, կ’արգիլուին կարդալ եւ շատերը չեն կարդար ու չեն առներ։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 249։
Նամակագիրը` այս անգամ Մելիք ստորագրութեամբ, 22 Հոկտեմբեր 1895-ին, կ’ամբողջացնէ իր տեղեկութիւնները. Անամօթ Հայկակը հոս տարածած է իր անձը արդարացնելու համար (որովհետեւ ամբողջ Պոլիսը վերջերս կը խօսէր, որ ինքը մատնիչ է)։ Հայրենիք լրագիրը ամբողջ շաբաթներով չէր կարդացուեր, կը պատռուէր եւ կ’ըսուէր, որ խմբագիրը, Արփիարեան մատնիչ է եւ շատ բաներ։ Կ’ըսուէր մինչեւ իսկ, որ Արփիարը իբրեւ լրտես դրուած է եղեր Օհանջի մօտ (եւ արդարեւ այս երկուքը միշտ միասին էին) եւ թէ նոյն իսկ ցոյցը (Պապը Ալիի) կատարուած է Արփ-ի դրդմամբ, որին ներշնչած եւ քաջալերած էր կառավարութիւնը եւ Նազըմը։ Արփիարը իր մասին տարածուած լուրը վերագրեց Դաշնակցութեան, որ իբր թէ անոնք ուզած են զինքը Դ. ընել, բայց ինքը չէ համաձայնած եւ մնացած է Հ., ուստի իրեն հետ Դաշնակցականները թշնամացած են եւ այդպիսի ծանր ամբաստանութիւններ տարածած են քաղաքի մէջ, որ կատարելապէս սուտ է։ Շուն շանորդին շատ վարպետ է դիմացինի թոյլ, տկար կողմը գտնել եւ իր զէնքը այն կողմը ուղղել եւ յաջողած էր այդ շինծու մեկնութիւններով Պոռնիկը համոզել, քթէն բռնած գործածել. չէք զարմանար, որ Հ-երը մինչեւ իսկ պզտիկ յայտարարութիւնով փորձեցին արդարացնել Արփ-ի անձը եւ փրկել անոր պատիւը, բայց նորէն չյաջողեցան։ Ահա թէ ինչու Արփ-ը զինած է եւ կը գրգռէ իր ափի մէջ գտնուած Հ-երը Դ-երու դէմ։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 251։
348
45. Մասիսին դադարմամբը, գրագէտ երիտասարդութիւնը` անտուն անտեղ, անօթեւան, անապաստան կը մնար։ Գրականութիւնը չզիջաւ ասպնջականութիւն խնդրել թերթէ մը, որուն խմբագրապետը հանրային միտքը կը ջանար ստամոքսասէր մղել, հայ ժողովուրդը հեռու պահելու համար գաղափարական թռիչքներու փորձանքներէն. ուղեղին ու սրտին տեղ` փորն ու որովայնը, ներուի բնապաշտ բացատրութեան։ Եւ հայ ժողովուրդն ալ չէր հանդուրժեր կաշկանդուիլ որովայնասէր մամուլի մը ետեւէն, վասն զի նոր կեանքի մը արեւածագը կը նշողէր։ Ժողովուրդը իր հաւատարծարծ մամուլին վերածննդեանը կ’ակնկալէր անձկակարօտ։ Կը սպասէր մարդու մը, կը սպասէր թերթի մը։ Մարդն ալ երեւցաւ, թերթն ալ։ Մարդը` Յովհաննէս Շահնազարը, թերթը` Հայրենիքը։ Բանտերուն դուռները այն ինչ կիսով մը բացուեցան 1891 Յունուար 5-ին, վերածնութեան թերթի մը ստեղծման գաղափարը կայծակեց Յովհաննէս Շահնազարի մտքին մէջ։ Երիտասարդ օրէնսգէտը գտաւ Արեւելքի հիմնադիրներէն մին, որ դադրած Մասիսին խմբագրութեանն ալ մասնակցած էր, եւ յետ կարճատեւ խորհրդակցութեան մը` որոշեց Հայրենիքը գնել։ Նոր Հայրենիքը հրատարակուեցաւ 1891 Յունիս 13-25-ին։ Յովհաննէս Շահնազար Փարիզէն հինգ տարի առաջ Պոլիս վերադարձած էր, փաստաբանի վկայականով։ Շատ չանցած` իրեն կը յանձնուէր բազմագումար դատ մը, զոր օսմանեան կառավարութեան դէմ կը բանար Հիրշ Պառոնը, սեփականատէր` եւրոպական Թուրքիոյ երկաթուղիներուն։ Հռչակաւոր եւրոպացիէն երիտասարդ հայ փաստաբանին ցոյց տրուած վստահութիւնը` գործի միջավայրերու ուշադրութիւնը անոր վրայ դարձուց, ու մեծկակ դատեր իրեն կը տրուէին։ Եւ ահա յանկարծ Շահնազար խմբագրական ասպարէզին հետ կը փոխանակէր այն փաստաբանական ասպարէզը, որ ա՜յնքան շահաւէտ ապագայով մը ապահովեալ էր։ Նորեկ խմբագիրը հետը նաեւ հազար ոսկիի դրամագլուխ մը կը տանէր, Հայրենիքին յարատեւ յաջողութեանը իբր երաշխաւորութիւն։ Մինչեւ այդ ժամանակ` հայ մը թերթի արտօնատէր կը դառնար առանց ասպարէզ մը զոհելու. ու ո՛չ ոք ալ այնքան անխոհեմ եղած էր իր անձնական կարեւոր մէկ գումարը յատկացնել հայեվար թերթ մը հրատարակելու։ Թէ՛ գործ, թէ՛ դրամ զոհող այդ եզական-երեւոյթ խմբագիրը միանգամայն անձնաւորութիւն մըն էր, բարձրագոյն ուսումն ստացած։ Թուրքիոյ հայոց օրագրութիւնը առաջին անգամն էր, որ հրատարակիչ մը կ’ունենար, համալսարանէ շրջանաւարտ։... Հրապարակագրի եւ գրագէտի հռչականուն համբաւով սպառազինուած չէր, երբ Շահնազար կու գար օրագրութեան մէջ խիզախել. երբ բարեկամներէն ոմանք միայն կը յիշէին, թէ 1879-ին «Հէնց» ու «* * *» ծածկանունով կրակոտ քանի մը յօդուածներ հրատարակած էր Մշակին մէջ։ ...Փարիզէն վերադարձին` Արեւելքին պզտիկ պատմուածքներ տուած էր, կամ գնահատումներ, որոնք իրենց կարճառօտութեանը մէջ ցոյց կու տային, թէ երիտասարդ գրագէտը «հասարակ տեղիքներ»-է սարսափող մըն է, ու մինչեւ իսկ ըմբոստ մը, որ չի յարգեր «անվիճելի» համարուած «ճշմարտութիւնները»։ Բայց այդ «գրեթէ անծանօթը» շատ պիտի չուշանար ինքզինքը ճանչցնել տալու։ Իր ուժանակպայթուցիկ գաղափարները ժողովուրդը կը սարսէին, կը ցնցէին, մինչեւ որ օր մը Հայրենիքն ալ օդը հանեցին։ Իրաւաբանը նաեւ սիրող էր ընկերաբանական ուսումներու, զորս կը մշակէր, ինչպէս նաեւ քաղաքական տնտեսագիտութեան ալ, որուն ուսուցչի պաշտօնին կոչուեցաւ Կեդրոնական վարժարանը, եւ հոն հզօրապէս նպաստեց գաղափարանուէր երիտասարդութեան մը փթթումին կամ պայթումին։ Հայրենիքը Շահնազարի տնօրինութեամբը սքանչելապէս ընկերվարական թերթը եղաւ, անծայրածիր յառաջդիմութեան նուիրուած, որքան որ կը ներէր, - կամ որքան որ չէր ներեր, Թուրքիոյ գրաքննութիւնը։ Յանդգնամիտ հրապարակագիրը մեր ընկերային եւ հանրային կեանքը ընկերվարի ելեքտրավառ լոյսէն առաջնորդել ուզեց, ա՛լ բաւական համարելով իւղասուն պլպլուն
349
պատրոյգը, ազգին աչքերը հաւկուրող։ Անկախ մտքով երիտասարդ գրողները` աղուոր գրականութեան սիրատարփներու մտաւորական վերածնունդի գաղափարին նուիրուած, որոնք բացն էին մնացեր, յորմէհետէ կիսամսեակ Մասիսը ա՛լ չէր հրատարակուեր, այդ գրողները նորէն իրենց հոլարան մը գտան Հայրենիքի մէջ։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան, էջ 181-184։ 46. Այս առաւօտ սպառնագրեր ուղարկուեցան տեղական Հայրենիք, Արեւելք եւ Ճէրիտ. խմբագրութիւնները անպայման դադարման ենթարկելու համար։ Իսկոյն սենեակս թափուեցան Հայրենիքի խմբագիրները, աղմկալից կռիւէն յետոյ մեկնեցան, սպառնալով ինձ հիւպատոսարանին յանձնել (մատնել) եւ հեռացնել ասկէ։ Արդիւնքին կը սպասենք։ Կատղած են մեր դէմ, Դաշնակցականներուս, իբր թէ այս բոլորը ընթացել է ծուռ, սխալ. անդիւանագիտական է. ալա լաչառները։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 250. Յ. Իւսուֆեանի նամակները Դրօշակի խմբագրութեան, [անստորագիր], 13 Հոկտ.։ Կ. ՊՕԼՍԻ ԴԱՇՆԱԿ. ԿԵԴՐ. ԿՕՄԻՏԷԻ ՎՃԻՌԸ Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէն նոյեմբեր 13-ին հետեւեալ պաշտօնագիրն ուղղած էր տեղական երեք խմբագրութիւններուն – Արեւելքի, Հայրենիքի եւ Ճէրիտէի շարգիէի։ «Կեդրօնական Կօմիտէն իր երէկի նստին մէջ զբաղելով ազգի սոյն տագնապալի վայրկեանին մայրաքաղաքիս հայ լրագրութեան ազգակործան ընթացքին քննութեամբ եւ «Նկատելով որ ... լրագիրը մամուլի բարձր կոչումին չծառայելէ զատ, կառավարութեան ձեռքը անարգ գործիք դարձած իր գոյութեամբ վնասակար կ’ըլլայ հայկական դատին, «Նկատելով որ ... լրագիրը, առանց իր կարծիքը յայտնելու, սուլթանական բոլորովին ստայօդ պաշտօնական զեկուցումներն ու թելադրուած յօդուածները հրատարակելով կը մոլորեցնէ ու կը խաբէ արիւնոտ հայ ժողովուրդը ու կը նպաստէ հայկական դատի խեղդուելուն, «Նկատելով որ ... լրագրին գոյութիւնը արատ մըն է հայութեան ու իր ընթացքը դաւաճանութիւն է` Որոշեց. ա. Վաղուընէ սկսեալ անպայման դադարման դատապարտել ... լրագիրը։ բ. Մահով պատժել այն տնօրէններն ու խմբագիրներն, որոնք համարձակին մեր որոշումին հակառակիլ կամ կառավարութեան յանձնելով սոյն պաշտօնագիրը` անոր օգնութեան դիմել։ N. B. Պաշտօնագիրը կարդալէ վերջ` ղրկել հետեւեալ հասցէին` L. Roole 15, Augustus Rd. Hammersmith, W. London։ Հայրենիքի խմբագրապետ Ա. Արփիարեան սոյն որոշումին չհամակերպելէ զատ – մինչդեռ միւս երկուքին խմբագիրներն հետեւեալ օրն իսկ դադարեցուցած էին թերթերուն հրատարակումը – նախ` ծաղրեց ու թշնամանեց այդ պաշտօնագիրը յղող յեղափոխական մարմինը. երկրորդ` յորդորեց միւս երկու խմբագրութիւնները հետեւիլ իր ընթացքին. երրորդ` վերոյիշեալ պաշտօնագիրը չխրկեց ցոյց տրուած հասցէին, այլ հաղորդեց իսկոյն ոստիկանութեան։ Ուստի Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէն 23 նոյեմբերի 115-րդ նստին մէջ, Նկատելով որ Ա. Արփիարեան ջանադիր եղած է արգելք ըլլալ Դաշնակցութեան կօմիտէի մը որոշումներուն. Նկատելով որ Ա. Արփիարեան խօսքով ու գործով թշնամացած է յեղափոխութիւնը յանձին Դաշնակցութեան Կ. Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէին.
350
Նկատելով որ Ա. Արփիարեան եւ ոչ մէկ մեղմացուցիչ պարագայ մը ունենալէ զատ, մէկէ աւելի ծանր յեղափոխական յանցանքներու մէջ ամբաստանուած է արդէն (Ա. Մատնիչի դեր կատարած է 1890-ի յեղափոխական գործիչներուն նկատմամբ։ Բ. Սեպտեմբերի ծանօթ դէպքերու ատեն Նազըմի դրդմամբ փորձած է եկեղեցիներն ապաստանող հայերը դուրս չելնելու յորդորել` ապստամբներ ցոյց տալու համար անոնք Եւրոպայի առջեւ. այդ մեղադրութիւնը կը ծանրանայ այն յարակից պարագաներով, որ նոյնիմաստ հայերէն յայտարարութիւններ ձգուած են Բերայի եկեղեցիին բակը լրտեսներու յատուկ մերձաւոր սենեակէ մը։ Գ. Պարագլուխ է եղած դաւադիրներու խմբակի մը որ ոստիկանութեան խորհրդով եւ աջակցութեամբ ծանօթ յեղափոխական գործիչներ աքսորելով կամ Եւրոպա խրկելով` կը ջանայ ջլատել Պօլսի յեղափոխական ուժերը). Որոշեց անյապաղ իգործ դնել 13 նոյեմբերի պաշտօնագրին սպառնալիքը, մահուան պատժի ենթարկելով Ա. Արփիարեան, եւ վճռին գործադրութիւնը յանձնեց ՍԵՒ-ՍԱՐ ենթակօմիտէի ահաբեկիչներուն։ Տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899, էջ 28-29։
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պարունակէ Վահապի [Ա. Վռամեան] Կ. Պոլսէն գրած 8/20 փետր., 96 թուակիր նամակը. Գրած էի ձեզ, որ Արփիարի դէմ եղած փորձէն ետքը Արեւելքը եւ Ճերիտիէն արտօնութիւն առած էին չհրատարակելու պաշտօնականները։ Շաբաթ մը առաջ Արեւելքի խմբագրատուն կը ներկայանայ լրտես մը Նազըմի կողմէն եւ կ’առաջարկէ արտօնատէրին թէ ինքը պատրաստ է ձերբակալել տալու անոնց կեանքին վտանգ սպառնացող անձերը, եթէ իրենք մատնանիշ ընեն եւ թէ այնուհետեւ ալ պիտի հսկէ որ մէկը մազերնուն չդպչի։ Կը պատասխանեն թէ շնորհակալ են, բայց այնպիսի մէկը չունին ի նկատի եւ կը ճամբեն լրտեսը։ Քանի մը օր ետքը կը ներկայանան ոստիկանութեան դուռը թարգմանութիւն ընող Ֆրանսացի մը եւ ուրիշ լրտես մը դարձեալ Նազըմին կողմէն եւ կը հրամայեն որ ալ սկսին հրատարակել պաշտօնականները, հակառակ պարագային, կամ նոյնիսկ եթէ թերթը գոցելու ըլլան` իբր մեղսակից պիտի նկատուին յեղափոխականներուն։ Կ’աւելցնեն թէ արդէն վախնալու բան մը չունին, քանի որ անոնց վրայ հսկող չկայ։ Արտօնատէրը վախէն կը հնազանդի բայց միւս կողմէն ամէն վայրկեան անհանգստութեան մէջ է թէ Դաշնակցականները կը պատժեն զինքը։ Ինծի պատմողին խորհուրդ տուի որ համոզէ արտօնատէրը աղերսագիր մը գրելու Դաշնակցութեան տեղական կոմիտէին` խմբագրութեան հասցէին միջոցաւ, Pour sauver les apparences։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 276։ 47. Մելիք [ստորագրութեամբ], Կ. Պոլիս, 15 նոյ., 95 Երէկ Արեւելք եւ Ճէրիտէյէ չհրատարակուեցան եւ սպառնագրերը Լոնտոնի հասցէին ուղարկուած են բայց լիրբ հայրենիքեանները համոզած են զիրենք, որ կարեւորութիւն տալու չէ. իրենց ալ ուղարկուած էր, բայց իրենք բնաւ կարեւորութիւն չտուին, ուստի եւ այսօր հրատարակուեցան յիշեալ թերթերը։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 255։ 48. ՏԵՌՈՐ – քաղաքական հակառակորդի նկատմամբ կիրառվող ահաբեկման, բռնության եւ հաշվեհարդարի քաղաքականություն` ընդհուպ նրա ֆիզիքական ոչնչացումը։ ՏԵՌՈՐԻ ԵՆԹԱՐԿԵԼ – 1/ ահաբեկել, վախցնել, բռնության եւ ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիքներով հնազանդ պահել։ 2/ հաշվեհարդար տեսնել դաժան պատժիչ միջոցներով, խոշտանգումներով, գնդակահարություններով եւ այլն։ Տե՛ս Քաղաքական համառոտ բառարան, կազմող-հեղինակ Ի. Վ. Լեխին, թարգմանել,
351
լրացրել եւ հրատարակման է պատրաստել Ս. Կ. Խաչատրյանը (երկրորդ հրատարակություն), Երևան, Հայաստան Հրատարակչություն, 1968, էջ 302։
Արփիար Արփիարեանի դէմ առաջին «տեռօր»-ը տեղի ունեցած է Կ. Պոլիս, «Թագսիմի պարտէզին դէմ, 1895 դեկտեմբեր 25-ին, երկուշաբթի իրիկուն»։ Մահափորձին նկարագրութիւնը տեսնել` «Գաղափարի զոհը` Արփիար Արփիարեան» բաժինը։ 49. Խոսրով, Կ. Պոլիս, 8 նոյեմբ., 95 Տակաւին ժամանակ չէ Արփիարի հարցաքննութիւնը հրատարակել։ Կարող ենք մեր գործին դրանով վնասել. այժմ մենք արհամարհանքով պիտի վերաբերուենք, մինչեւ որ ժամանակը հասնի։ Տե՛ս Դիւան, հատոր առաջին, էջ 253
«Հարցաքննութեան պատճէն»-ը եւ յարակից մանրամասնութիւնները տեսնել` Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899։ Արփիարեանի դատապարտութիւնը II Ձերբակալութիւն 9 Նոյ. 1890, Ուրբաթ Ոստիկանութեան հարցաքննիչ պաշտօնէի հարցումները եւ Արփիարեանի պատասխանները, էջ 26-27։ Երրորդ հարցաքննութիւն Արփիար Արփիարեանի, 12 Դեկտեմբեր 1890, էջ 28։ Կ. Պօլսի Դաշնակցութեան Կեդր. Կօմիտէի Վճիռը, էջ 28-29։ Լրացուցիչ տեղեկագիր, էջ 29-32։ Խմբագրութեան ծանօթագրութիւններ, էջ 33-38։ Ընթերցողին, էջ 38-40։ Տեսնել նաեւ թիւ 31 ծանօթագրութիւնը։ 50. Թիւ 46 ծանօթագրութեան մէջ` արդէն ներկայացուած «վճիռ»-էն կը մէջբերուի հետեւեալ հատուածը.
Նկատելով որ Ա. Արփիարեան եւ ոչ մէկ մեղմացուցիչ պարագայ մը ունենալէ զատ, մէկէ աւելի ծանր յեղափոխական յանցանքներու մէջ ամբաստանուած է արդէն..., Որոշեց անյապաղ իգործ դնել 13 նոյեմբերի պաշտօնագրին սպառնալիքը, մահուան պատժի ենթարկելով Ա. Արփիարեան,...։ Տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899, էջ 29։ 51. Արփիարեանի Մեղայագիրը, որ տեսակին մէջ անզուգական պիտի համարւի, ինքն իրեն, իր յարակից պարագաներով եւ հետեւութիւններով ամէնասոսկալի ոճիրի մը հանգամանքն ունի։ Տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899, «Լրացուցիչ տեղեկագիր», էջ 30։ Արփիարեան ծածուկ զետեղելով Արեւելքի մէջ [12/24 յունուար 1891, թիւ 2098] իր Մեղայագիրը, թերթը հրապարակ հանել կուտայ, սպառնալով խմբագրութեան։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 30։
Արեւելքի խմբագրութիւնն ընդդիմացաւ Մեղայագիրն իր թերթում զետեղելուն։ Այդտեղ վատը (Ա. Արփիարեան) հասկնալի կերպով ազդարարում է, եթէ իր պահանջը չկատարվէ` Արեւելքի խմբագրութիւնը «ծանրապէս կը տուժէ»... Բայց այդ թերթի խմբագրութիւնն այդպիսի ամօթից յետոյ հարկ է
352
տեսնում Արփիարեանին արտաքսել իր, այսինքն խմբագրութեան անդամակցութիւնից։ Ապտակ, 1896, թիւ 10։ Տե՛ս նոյն տեղը, «Խմբագրութեան ծանօթութիւնները», էջ 34։
Ձերբակալութեան պատճառին մասին` «Լրացուցիչ տեղեկագիր»-ը կը յայտնէ. Արփիար Արփիարեան 1890 նոյեմբեր 9-ին ձերբակալւելով Պօլսի մէջ, - Տրապիզոնէն Հնչակեան Պետրոս Մարիմեանի կողմէն Պօլիս գրւած եւ ոստիկանութեան ձեռքն ինկած նամակի մը յայտնութիւններուն հետեւանքով, - իր անձն ազատելու համար մատնած է, իբր յեղափոխական կազմակերպութեան մը պետեր, բժիշկ Յարութիւն Թիրեաքեան, Վահրամ պէյ Տատեան եւ Խորէն արքսպիսկոպոս Լուսինեան Նարպէյ։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 29։
Իսկ Արփիար Արփիարեան, կը խոստովանի` թէ «Իմ ձերբակալութեանս պատճառն էր Տրապիզոնի կեդրոնէն Պօլիս Համբարձում Պօյաճեանին (Մուրատ) գրուած կարգ մը նամակներ, որոնց մէջ անունս յիշատակուած էր զանազան պարագաներով։ Պօյաճեանի բացակայութեանը Մամբրէ ինքն առնելով այդ նամակները յանձնած էր Նազըմին. յեղափոխական շատ մը գաղտնիքներ երեւան եկան այդ նամակներէն»։ Մարտ, 1897, թիւ 6։ Տե՛ս նոյն տեղը, «Խմբագրութեան ծանօթութիւնները», էջ 34։
Արեւելքէն ետք, մեղայագիրին ամբողջական բնագիրը հրատարակուած է նաեւ Յաւելուած Դրօշակի, 15 Դեկտեմբեր 1899-ի համարին մէջ. «Արփիարեանի դատապարտութիւնը. I Երախտագիտական արտայայտութիւն առ Վեհ. Սուլթանն», [ստորագրուած`] Արփիար Արփիարեան, Ն. Կ. Վեհափառութեան ամենախոնարհ եւ երախտագէտ ծառայ, էջ 25-26։ 52. Ամէն տարի Օգոստոսի 19-ին, պատշաճ հանդիսաւորութեամբ նշուած է սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. Օգոստափառ կայսեր գահակալութեան տարեդարձը։ Օրմանեան սրբազան կը պատմէ` թէ Խորէն Աշըգեան պատրիարքին «գաղափարն էր եղած կայսեր ծննդեան եւ գահակալութեան օրերը, մայր եկեղեցւոյ մէջ շարականով եւ ընթերցուածով եւ աւետարանով մաղթանքներ կատարել` եկեղեցական եւ պաշտօնական եւ ժողովրդական դասերու մասնակցութեամբ, եւ յորդորական եւ մաղթողական քարոզով, որ հետզհետէ պարտադիր սովորութեան կարգն անցաւ»։ Տե՛ս Ազգապատում, հատոր Գ., հատուած 2974։ 53. Կ. Պոլսեցի Սարգիս Մինասեան, «պսիւտոնիմն»` Ազատորդի, եղած է միամօր զաւակ, եւ Կեդրոնական Վարժարանի մէջ` Բաբկէն Սիւնիի ընկերակիցը։ Դրօշակի խմբագրութեան ղրկուած Յ. Իւսուֆեանի նամակներուն մէջ (15/27 օգոստ., 95)` Մելիք ծածկանունով, կը հաղորդուի հետեւեալ տեղեկութիւնը. Մենէ ուսանող մը (Ազատորդին) կ’ուզէ Ժընեւ գալ ուսանելու, բայց միջոցները շատ չեն` 4 թուրք. լիրայ, արդեօք կարո՞ղ է այդ գումարով հոդ ապրիլ։ Կ’ուզէ հասարակական գիտութիւններ սովրիլ եւ մանկավարժութիւն. ի՞նչ խորհուրդ կու տաք։ Տե՛ս Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Յաւելուած Հայրենիք ամսագրի, հատոր առաջին, Պոսթըն, 1934, էջ 242։ Նոյն նամակագիրը` 24 հոկտ., 95 թուակրով, կը հաղորդէ.
353
Երէկ ճամբայ ընկաւ դէպի ձեզ Կեդրոնական շրջանաւարտ եւ 2-3 տարի Պոլսոյ մէջ ուսուցչութիւն ըրած Սարգիս Մինասեանը, որ կ’ուզէ լսել տեղւոյդ համալսարանի մէջ ընկերային գիտութիւնները։ Այս անձը մենէ է, շատ գառ, ազնիւ երիտասարդ մըն է, վերին աստիճանի աշխատասէր, ընդունակ, բարի, բայց քիչ մը թոյլ կամքի տէր եւ զուրկ մարտնչող հոգուց եւ ինքնուրոյն ինիցիատիւից։ Այդ երիտասարդը կրնաք շահագործել։ Ձեզ պէտք էր թուրքահայ բարբառին ծանօթ մէկը, որ այդ բարբառով գրուած թղթակցութիւնները սրբագրէր. Սարգիսը ամենայն յաջողութեամբ կրնայ այդ անել։ ... Բոլորովին վստահելի է ամէն կողմէ եւ գաղտնապահ, մեր տեղական երկրորդական կոմիտէներէն մէկուն անդամն է։ Եթէ այդ անձը քիչ մը աւելի համարձակութիւն, մարտնչող հոգի, քիչ մըն ալ ինիցիատիւ ունենայ, կրնայ շատ օգտակար լինել։ Տե՛ս նոյն տեղը, 251։
Դիւանի մէջ` էջ 242-ի ծանօթագրութիւնը կը յայտնէ, թէ Սարգիս Մինասեան Ժընեւ անցնելուց յետոյ, սկսեց Դրօշակում վարել «Թիւրքիոյ շուրջ» բաժինը։ 1958 թ., Յուսաբերի Տպարանէն լոյս տեսան` Հ. Յ. Դաշնակցութեան Փարիզի ԴիւանԹանգարանին մէջ գոյութիւն ունեցող Դրօշակի առաջին տասնամեակի 1891-1901 տարիներու միակ հաւաքածոյին լուսապատճէն երկու հատորները։ Սկզբի շրջանի Դրօշակների մեծ մասը անստորագիր էր։ Մենք փակագծի մէջ կը դնենք եւ հեղինակների անունը, որքան հնարաւոր է ճշտել նրանց ինքնութիւնը։ Տե՛ս Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրգան, 1890-1897։ Դրօշակների բովանդակութիւնը, 1891-1897 [առանց էջաթիւի]։
«Թուրքիոյ շուրջը» յօդուածներուն առաջինը` լոյս տեսած է 1 Յունիս 1896-ին, էջ 111112, իսկ վերջինը` 1 Դեկտեմբեր 1901-ին, էջ 162-164, թիւով երկու տասնեակէն աւելի։ Այս շարքէն զատ, դարձեալ անստորագիր, լոյս տեսած են հետեւեալ յօդուածները. - «Բաբկէն Սիւնի», 30 Նոյեմբեր 1896, էջ 210-212։ - «Թող յիշեն», 18 Դեկտեմբեր 1896, էջ 218-219։ - «Կլատսդօն», 31 Մայիս 1898, էջ 45-47։ 54. Սարգիս Մինասեան` «Թուրքիոյ շուրջը» յօդուածաշարքին մէջ կը գրէ. Ինչպէս ամէն տարի, աս տարի ալ սուլթան Համիդի տարեդարձը պիտի տօնւի, բայց արտասովոր փառքով եւ շքով, զի անոր օգոստափառ փատիշահութեան քառորդ դարու վեհապանծ շրջանն է որ կը բոլորի։ Կարժէ որ մեռելներն իսկ ողջննան եւ իրենց մունջ հրճւանքը խառնեն ատ հանդիսաւոր կօմէտիին, որ ամէն դարու ամենէն մեծ հեգնութիւնը եւ էն սարսափելի ժէստը պիտի ըլլայ քսան միլիօն ժողովուրդի մը գիտակցութեան։ ...Մենք, իբր հայեր, Համիդի տարեդարձին առթիւ, որուն շուքը մեր վրայէն եւ սուրը մեր վզէն անպակաս չընէ ալլահը - մեր ձայնը եւս կուզենք լսելի ընել այս մեծաշուք օրին։ Տե՛ս Դրօշակ, No 6, Օգոստոս 1900, էջ 92։ 55. Նոյն յօդուածին մէջ, Սարգիս Մինասեան կը շարունակէ. Սա անսպասելի վայրագութիւնները (Սասունի Սպաղանք գիւղի) կը կատարւին շանծնունդ սուլդան Համիդի աշխարհաւեր արծաթամեակի եւ Օրմանեան պատրիարքին ոսկեհուռ ալպօմներու մէջ խանդաղատանօք ու անկեղծօրէն պատրաստած ուղերձին նախընթաց օրերը։ Պինլէր եաշա՛, ծօ Համիդ։
354
Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 93։
«Պինլէր եաշա՛», թրքերէն արտայայտութիւն` հազար կեցցէ՛. պինլէր` տառացի նշանակութեամբ, հազարներ։ Սարգիս Մինասեան այլ առիթով ալ նման արտայայտութիւն մը գործածած է. «Չօ՜ք եաշա Համիդ»։ Տե՛ս Դրօշակ, No 7, Օգոստոս 1899, էջ 105։ «Փառաբանական ուղերձը» ներկայացնող հետաքրքրական տեղեկութիւններ կարելի է գտնել նամակ Կ. Պօլսէն, 15/27 նոյեմբեր 1899 թուակրով «Ամսական տեսութեան» մէջ։ Տե՛ս Դրօշակ, No 10, Դեկտեմբեր 1899, էջ 151։ 56. Տեսնել թիւ 45 եւ 46 ծանօթագրութիւնները։ 57 եւ 58. Արփիար Արփիարեանի «սակաւապէտ» ապրիլը եւ «փնթի ըլլալու աստիճան»-ին մէջ գտնուիլը` սիրտ ճմլող նկարագրութեամբ կարելի է կարդալ Ստեփան Շահպազի յիշեալ մենագրութեան մէջ, էջ 243-248։ Իր մտերիմներէն` Արշակ Չօպանեանի վկայութեամբ, Արփիար Արփիարեան «ժուժկալ կեանք մը կը վարէր, միշտ թափթփած հագուստներով, միշտ գրպանը պարապ»։ Տե՛ս «Դէմքեր. Արփիար Արփիարեան», Անահիտ, 1901, Փետրուար, թիւ 2։ Իր գրպանի յուշատետրին մէջ` Արփիար Արփիարեան սովորութիւն ունեցած է նման գրառումներ կատարելու. «Աչքերս կը փակուին անօթութենէս», «Գլուխս կը դառնայ անօթութենէ, ու աչքերս կը կտրտին»...։ Տե՛ս Կառափնատ, Ա. տարի, 1910։ 59. Vegetarian բառը ԺԹ. դարու անգլերէն բառակերտում է. ֆրանսերէն` végétarien։ Երկու տարբերակ ունի այս սննդականոնը. ըստ ֆրանսական ձեւին, միսի փոխարէն, անհատը կը սպառէ միայն կենդանական ծագումով սննդեղէն` ինչպէս կաթ, կարագ, հաւկիթ, եւայլն։ Իսկ անգլիական ձեւին համաձայն, մարդուն ուտելիքը պէտք է ըլլայ միայն բուսական. այսինքն` պէտք է պարունակէ միայն բանջարեղէն, պտուղներ, հացահատիկ, կաղին, եւայլն։ Անոնք կը մերժեն ուտել միս, ձուկ, հաւազգի կամ կենդանական ծագում ունեցող որեւէ ուտելիք։ Տե՛ս - Dictionnaire Hachette, Paris, 1980, p. 1329. - Webster’s Encyclopedic Unabridged Dictionary of the English Language, New York/ Avenel, New Jersey: Gramercy Books, 1989, p. 1583. 60. «Իբր պարզ պատմագիր», Արփիար Արփիարեան «Ժամանակակից պատմութեան էջեր» գրի առնելով, ներկայացուցած է «Կ. Պոլսոյ պահպանողական վարչութիւնները»։ - «Ա. 1885-1887. վարչութիւն Նուրեան Էֆէնտիի», Նոր կեանք, հանդէս ազգային, գրական, քաղաքական, Լոնտոն, Ա. տարի, թիւ 1, 1 Յունուար 1898, էջ 3-7։ - «Բ. 1887-1889. վարչութիւն Մագսուտ Սիմոն Պէյի», թիւ 3, 1 Փետրուար 1898, էջ 3941։ - «Գ. 1889-1891. վարչութիւն Պ. Սահակ Ղազարոսեանի», թիւ 3, 1 Փետրուար 1898, էջ 41-43. թիւ 5, 1 Մարտ 1898, էջ 68-74։ - «Դ. Յուլիս 15ի ցոյցը եւ հետեւանքները», թիւ 7, 1 Ապրիլ 1898, էջ 99-105։ - «Ե. 1889-1891. վերադարձ Խորէն Աշըգեան Պատրիարքի», թիւ 9, 1 Մայիս 1898, էջ
355
138-140։ - «Զ. 1890-1891. դիկտատորութիւն Աբիկ Էֆէնտի Ունճեանի», թիւ 10, 15 Մայիս 1898, էջ 148-150։ - «Է. Դիկտատորութիւն Աբիկ Էֆէնտի Ունճեանի», թիւ 11, 1 Յունիս 1898, էջ 169-173։ - «Ը. 1891-1894. երկրորդ վարչութիւն Մագսուտ Սիմոն Պէյի», թիւ 12, 15 Յունիս 1898, էջ 186-188։ - «Թ. երկրորդ վարչութիւն Մագսուտ Սիմոն Պէյի», թիւ 13, 1 Յուլիս 1898, էջ 198-203։ - «Ժ. 1891-1894. պահպանական վարչութեան ջնջումը», թիւ 15, 1 Օգոստոս 1898, էջ 231-234։ Որպէս վերջաբան` Արփիար Արփիարեան կ’եզրափակէ. Այս ուրուագծին նպատակն էր հայ ժողովրդին ուշադրութիւնը հրաւիրել հետեւեալ երեւոյթին վրայ։ Հայոց պատրիարքարանը տասը տարի շարունակ, Հայ ազգին երեսփոխանական ժողովին հաճութեամբը, պահպանողական ու թրքասէր պատրիարքներու եւ վարչութիւններու բացարձակ իշխանութեանը տակ մնաց. նոյն իսկ 1889-91ի ազատական վարչութիւնը հակաթրքական քաղաքականութեան հետեւող չէր այլ պարզապէս ուղղամիտ մարմին մը որ ուզեց ազգին շահերը օսմանեան օրէնքներով արդարութեամբ պաշտպանել։ Եւ սակայն այդ թրքասէր պահպանողական տասնամեայ անընդհատ պաշտօնավարութիւնը ճիշդ այն արդիւնքը տուաւ որոնք անհաճոյ էին եւ անսպասելի թէ՛ օսմանեան կառավարութեան, թէ՛ թրքասէր կուսակցութեան։ Յարութիւն պատրիարքով եւ Նուրեան Էֆէնտիով 1885ին սկսուած եւ Աշըգեան Խորէն պատրիարքով ու Մագսուտ Սիմոն պէյով 1894ին վերջացած քաղաքականութիւնը հետեւեալ արդիւնքները տուաւ. Ա. Օսմանեան իշխանութեան ատելի ու Երուսաղէմ աքսորուած Խրիմեան Հայրիկը ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուեցաւ։ Բ. Սահմանադրութիւնը որուն ջնջումին կը հետամտէր կառավարութիւնը, եւ որ 91էն ի վեր դադարման դատապարտուած էր, վերակենդանացաւ։ Գ. Դռնէն 1891ին եւ ոչ իսկ իբր Կրօնական ժողովին անդամ վաւերացուող Իզմիրլեան Մատթէոս եպիսկոպոսը Թիւրքիոյ Հայոց պատրիարք ընտրուեցաւ։ Դ. Դռնէն 1891ին եւ ոչ իսկ իբր Կրօնական ժողովին անդամ վաւերացուող Ալէաթճեան Գրիգորիս եպիսկոպոսը Կրօնական ժողովին ատենապետ ընտրուեցաւ, ու քիչ ետքն ալ Կիլիկիոյ կաթողիկոս։ Ե. Օսմանեան կառավարութեան ծառայող հայ պաշտօնեաները պատրիարքարանի գործօն ժողովներէն վտարուեցան։ Զ. Ազգային իրաւունքները եւ առանձնաշնորհումները վերակենդանացան։ Է. Հայկական հարցը` որուն Եւրոպայի խնդիրներու օրակարգէն ջնջումին կը հետամտէր Դուռը, Եւրոպայի արեւելեան ամէնէն մեծ խնդիրը եղաւ, եւ Հայաստանի բարեկարգութիւններու ծրագիրը պատրաստուեցաւ երեք պետութիւններու պաշտպանութեամբ։ Տե՛ս Նոր կեանք, թիւ 15, 1 Օգոստոս 1898, էջ 234։ 61. Պէշիկթաշի գերեզմանատան խնդիրը` որ տեղի ունեցած է 1887 թ. սկիզբները, ինչպէս կը նկարագրէ Արփիար Արփիարեան, պիտի ներկայացուի յաջորդ ծանօթագրութեան մէջ։ Այստեղ պիտի մէջբերուի Յովհաննէս Նուրեան Էֆէնտիի դերակատարութեան բաժինը միայն. Այդ յանկարծական պահանջումը երեւան կուգար Նուրեան էֆէնտիի օրովը ուստի եւ մեծկակ խաղի մը կասկածը արթնցաւ մտքերու մէջ։ Տե՛ս Նոր կեանք, Ա. տարի, թիւ 1, էջ 6։ 62. Սուլտան Ապտիւլ Համիտ իր հաստատուն բնակութիւնը հաստատած էր Եըլտըզի ամարանոց
356
պալատը, որուն գրեթէ կից էր Պէշիկթաշի Հայոց գերեզմաննոցը, եւ սուլտանին աչքին անհաճոյ կու գայ գերեզմաններու տխուր տեսարանը, որուն տեղ կը բաղձար զուարճալի պարտէզ մը տեսնալ։ Այս նպատակով պատրիարքէն խնդրուեցաւ որ գերեզմաննոցի ոսկորները վերցուին, եւ գերեզմանը արքունիքին թողուի։ Խնդիրը սկսած էր 1887 յունուար 15-ին, եւ մասնաւոր գիրեր փոխանակուած էին արքունեաց նախարար Ղազի Օսման փաշայի եւ Յարութիւն (Վեհապետեան) պատրիարքի միջեւ։ Պատրիարքը կ’առաջարկէր իր կողմէն գերեզմաննոցը պարտէզի փոխարկել` առանց ոսկորները շարժելու, եւ միանգամայն արտօնութիւն կը խնդրէր Բերայի գերեզմաննոցին եկեղեցին վերաշինել եւ ճամբուն կողմը չթաղուած մասին մէջ կալուածներ կառուցանել։ Իսկ փաշան առաջին առաջարկը կը մերժէր, եւ վերջիններուն համար միջնորդել կը խոստանար, որովհետեւ խնդիրը արքունեաց հետ էր, պատրիարքը առանց միջնորդի ուղղակի կայսեր դիմելը յարմարագոյն տեսնուեցաւ։ ...Պատրիարքին տարած գիրով կը բացատրուէր գերեզմաննոցներու նուիրական նշանակութիւնը եւ գերեզմաններու անձեռնմխելիութեան կանոնը, եւ պետական օրէնքով փոխանցումը եւ գրաւումէ ազատ ըլլալը, եւ ժողովուրդին կրօնական զգացմանց տագնապը, եւ կը խնդրուէր կայսերական գթասիրութեան շնորհը։ Դիմումը իր յաջող ելքն ունեցաւ։ Սուլտանը կը հրամայէ, որ գերեզմաննոցին միայն պատերը վերցուին, եւ փոխանակ վանդակապատեր դրուին, քարեր եւ ոսկրներ` հող աւելցուելով` լաւ ծածկուին, ծառեր տնկուին, սեփականութիւնը Հայոց մնայ եւ մերթընդմերթ քահանաներ կարենան գալ եւ գերեզմանները օրհնել։ Տե՛ս Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Ազգապատում, Գ. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1961, հատուած 2931։
Հրապարակագիրի մերձեցումով, նոյն դէպքին մանրամասնութիւնները կ’ամբողջացնէ Արփիար Արփիարեան. Պէշիկթաշի գերեզմանատան խնդիր մը ծագեցաւ 1887ի սկիզբները։ Եըլտըզի պարտէզն ու քէօշկը հետզհետէ աւելի կարեւորութիւն ստացած ըլլալով, 1865էն ի վեր ո՛ եւ է թաղում արգիլուած էր արքայական զբօսավայրին մերձակայ հողերուն վրայ։ Հիմայ Եըլտըզը ոչ թէ զբօսատեղի մը այլ Սուլթանին մշտնջենական բնակարանն էր թէեւ, սակայն տասը տարուան մէջ Սուլթանը բնաւ չէր յիշած այդ մոռցուած հին մեռելաստանը, երբ մէկէն ի մէկ 1887ին անոր գրաւումին շշուկը սկսաւ տարածուիլ։ Սուլթանին ինքնածին գաղափա՞րն էր այդ խորհուրդը. ոչ ոք որոշ բան մը ըսելու կարող էր։ Այդ յանկարծական պահանջումը երեւան կուգար Նուրեան էֆէնտիին օրովը ուստի եւ մեծկակ խաղի մը կասկածը արթնցաւ մտքերու մէջ։ Պէշիկթաշի անպէտ գերեզմանատան գրաւումով շիրիմներու անբռնաբարելիութեան կրօնական սկզբունքը անգամ մը ջնջելէ յետոյ անկէ ետքը Բերայի գերեզմանատան յափշտակութիւնը հնարաւոր ընծայելու համար Նուրեան էֆէնտիի եւ Մապէյն Միւշիրի Ղազի Օսման փաշայի միջեւ համաձայնութեան մը գոյութիւնը կասկածուեցաւ։ Այդ Բերայի գերեզմանատունն ալ 1865էն ի վեր կը մնար լքեալ. Խրիմեանի Պատրիարքութեանը արտաքին գործերու նախարար Խալիլ Շէրիֆ փաշա թէեւ մտաբերեց պետական կալուածի վերածել հարիւր հազար ոսկիներով արժէք ունեցող այդ լայնածաւալ հողը, սակայն ժողովրդային յուզումը պարտաւորեց նախարարը հրաժարիլ բաղձանքէն։ Զինուորական իշխանութեան աչքերը միշտ յառած կը մնային զօրանոցներէ շրջապատուած, ռազմական գերազանցօրէն կարեւոր հողի մը վրայ որուն դէմը կը տարածուի Արէսեան դաշտը։ Բերայի գերեզմանատան գրաւումէն Նուրեան էֆէնտի կը յուսար բազմաթիւ շահեր որոնց մէջ պզտիկ տեղ մը չէր վիճակուած իբր փոխարինութիւն Բերայի եկեղեցիին կարեւոր գումարի մը «պարգեւ»ին յոյսին. միապետ խնամակալ Բերայի թաղին, Նուրեան էֆէնտի իր անկախ տրամադրութեան տակ պիտի ունենար այդ գումարին գործածութիւնը։ Իսկ Ղազի Օսման փաշային ջերմագին
357
բարեացակամութեան շնորհները ակնկալելու ամէն իրաւունք պիտի վայելէր տակաւին «Մէճիտիէ»ի բարձրագոյն կարգերէն զուրկ պաշտօնեան։ Եթէ արդարեւ Սուլթանը «փափագ» յայտնած էր պարտէզի վերածուած տեսնել իր բնակարանին մօտ բայց աչքէն հեռու մեռելաստանը, այդ օրինակ փափաք մը պարզապէս «հրաման»ի քաղաքավարական հոմանիշը կրնար համարուիլ. ու անքաղաքագիտութեան վերջին խօսքն էր օսմանեան կայսրութեան միահեծան պետին, իսլամութեան խալիֆային հրամանը «րայա»ներու ժողովքի մը հրապարակային վիճաբանութեանն ու որոշումին վտանգներուն ենթարկել։ Այսպիսի դժուար պարագայի մը խելացի եւ ճշմարտապէս ազգասէր վարչապետ մը, թէեւ կառավարական պաշտօնեայ բայց իր կառավարութեան ալ անշահախնդիր ծառայող պարկեշտ պաշտօնեայ մը ըլլար, խնդիրը պիտի լուծէր անձայն անշշուկ, պատրիարքական ու կաթողիկոսական շրջանակներուն մէջ։ Եթէ Սուլթանին փափաքին մերժողական պատասխան մը եկեղեցիին վերջնական պահանջումն էր, այդ ծանր պարտականութիւնը միայն պատրիարքը կրնար կատարել, «աղաչելով» Սուլթանը չվիրաւորել «պարզամիտ» ժողովրդին բարեպաշտական զգացումները. Սուլթան Համիտ բաւական նրբամիտ էր ըմբռնելու համար «աղաչանք»ին ներքին նշանակութիւնը։ Իսկ եթէ ազգային շահերը կը պարտաւորէին Պատրիարքարանը տեղի տալ, խնդիրը պէտք էր լուծել կաթողիկոսական բացառիկ տնօրինութեամբ։ Լռիկ կարգադրութիւն մը սակայն չէր կրնար նպաստել Նուրեան էֆէնտիին շահերուն, որոնց լիակատար յաջողութեան պայմանը ազգային «ահեղ ընդդիմադրութեան մը» ջախջախումին կատակերգութեան մէջ կը փնտռուէր։ Շահախնդրական այս անձուկ ոտքով վարեց Նուրեան էֆէնտի Պէշիկթաշի գերեզմանատան հարցը։ «Ահեղ ընդդիմադրութիւն մը» ջախջախած ըլլալու պատիւը վայելելու համար հարկ էր նախ այդ ընդդիմադրութիւնը ստեղծել։ Նուրեան էֆէնտիին ամբողջ ռազմայարդարութիւնը կայացաւ ժողովը շուարեցնելու, գրգռելու մէջ։ Կրօնական ու քաղաքական կրկնակի հանգամանքով այսքան կարեւոր խնդիր մը Ազգային ժողովին վերաքննութեանը կ’ենթարկուէր առանց վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներուն համաձայն մէկ տեղեկագրին, որմէ երեսփոխանական մարմինը կարենար առաջնորդուիլ։ Անգամ մը որ փոխանակ Էջմիածին դիմելու վարչութիւնը Պոլսոյ Ազգային ժողովին վճռին կ’ենթարկէր գերեզմանատան մը կրօնական հարցը, տարրական խոհեմութիւնը կը պահանջէր գոնէ նախապատուութիւնը տալ քաղաքական նկատումներու. ժողովը ընդհակառակը եկեղեցական Համագումարի մը կերպարանքը առաւ։ Տ. Խրիմեան յայտարարեց թէ ինք պիտի չի թոյլատրէ գերեզմանատունը յանձնելու համար մինչեւ իսկ կաթողիկոսական հրամանի մը գործադրութիւնը։ - Կաթողիկոսը ես եմ, գոչեց։ Ու Ղեւոնդեանց տօնախմբութիւնը, այդ փետրուարի 7 երեքշաբթի օրն իսկ, սրտերը յուզող պերճախօս ատենաբանութեան մը առիթ ընծայեց ապագայ կաթողիկոսին որ շատ չանցած գլուխ պիտի կանգնէր գերեզմաննոցը յանձնել փափաքող եպիսկոպոսական խմբակին. բայց այդ պահուն Աւարայրի յիշատակները հրաբորբոք կը խանդավառէին այն օրուան տաքուկ արեւին մէջ Պատրիարքարանին մեծ սրահը զինուորեալ երեսփոխաններուն սրտերը։ Ու կը հրճուէր Նուրեան էֆէնտի այս բորբոքումէն, բայց երբ ա՛լ կարծեց թէ ընդդիմադրութիւնը իր ուզած աստիճանին հասած է` մէջ տեղ նետուեցաւ ահաբեկիչ սարսուռով մը հակառակորդները անձնատուութեան հարկադրելու։ - Եթէ գերեզմանատունը չի տաք ազգին գլուխը կրա՜կ պիտի թափի, կրա՜կ, գոռաց։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, «Կ. Պոլսոյ պահպանողական վարչութիւնները. Ա. 18851887. վարչութիւն Նուրեան էֆէնտիի», Նոր կեանք, Ա. տարի, թիւ 1, 1 Յունուար 1898, էջ 6։ 63. Նիքոլո՛յ Մաքիաւելլի` ծնած եւ մեռած է Ֆիրենցէ, 1469-1527 թթ.։ Պետական գործիչ, հրապարակախօս, պատմաբան, բանաստեղծ, թատերագիր եւ նոր ժամանակներու
358
յիշատակութեան արժանի առաջին ռազմական գրողը։ Յաւերժ կը յիշատակուի իր նշանաբանը` «Վախճանը կ’արդարացնէ միջոցները» (Il fine giustifica i mezzi)։ Տե՛ս - Machiavelli Nicoló, ‘Lexicon Vallardi’, Enciclopedia Universale Illustrata, Volume VII, Milano, pp. 60-62. - J. Demodeot, Histoire des littératures étrangère, nouvelle édition, Paris: Librairie Hachette et Cie, 1897, pp. 111-122. - Domenico Magrì, Storia della letteratura italiana, nuova edizione, riveduta e ampliata, Torino: Società Editrice Internazionale, 1953, pp. 146-162. - Հովհաննես Մամիկոնյան, Արտասահմանյան գրականության պատմություն. վերածննդյան դարաշրջան, երկրորդ, վերամշակված եւ լրացված հրատարակություն, Հայպետուսմանկհրատ, Երևան, 1961, էջ 208-212։ 64. «Ազգային կեանքի նոր շրջանը` որ 1879ին սկսած էր, կը յանգէր 1890 Յուլիս 15ին. Գում-Գաբուի ցոյցը անցեալի մը վերջակէտն էր ու ապագայի մը մեկնակէտը», կը պատմագրէ Արփիար Արփիարեան։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան, էջ 177։ 1890 յուլիս 15-ին, Վարդավառի դիմացի կիրակին, որ միանգամայն Տաճկաց Գուրպան պայրամին առաջին օրն էր, կանուխէն կը սկսին Գումգաբու հաւաքուիլ խումբ խումբ ազգայիններ, ընդհանրապէս գաւառացիներ, եւ գաղտնի կուսակցութեան մը յարողներ, որ 1887 դեկտեմբերին Ժընէվի մէջ հրատարակուիլ սկսած Հնչակ ամսաթերթին անունէն Հնչակեան կոչուիլ սկսած էին, եւ 1890 տարւոյ սկիզբէն մայրաքաղաքի մէջ ըմբոստ եւ յանդուգն ցոյցերու ձեռնարկող վարիչ մարմին կազմած էին։ Այդ մարմինին համոզմամբ իբր թէ մայրաքաղաքի մէջ ցոյց մը` պիտի կարենար Եւրոպան միջամտելու եւ Թուրքիան գործելու բռնադատել. ուստի կ’որոշեն այդպիսի ցոյց մը կազմակերպել։ Պահանջմնագիր մը կը պատրաստեն ժողովուրդին մէջ ցրուելու, եւ կը խորհին զայն յուզումնալից կերպով հրապարակ հանել, եւ պատրիարքին ձեռքով կայսեր ներկայացնել տալ։ Ցոյցին գործադրութեան յանձերնին կ’առնեն` Յարութիւն Ճանկիւլեան Վանեցի եւ Համբարձում Պօյաճեան Հաճընցի. վերջին պահուն` առաջինը կ’ըլլայ թէ պահանջմնագիրը առաւօտեան ժամերգութեան ատեն եկեղեցւոյ մէջ կարդացողը, եւ թէ պատրիարքը մահուան սպառնալիքով եւ ատրճանակներու ցուցադրութեամբ դէպի կայսերական պալատը երթալու ստիպողը, մինչ երկրորդը ամբոխին մէջ դիտողի եւ հսկողի դեր կը վարէ։ Յայտնի է որ պատրիարքը չէր կրնար այս տեսակ պատրաստութեամբ կայսեր ներկայանալ, եւ կը ջանար գործին ձեւը փոխել եւ ամբոխը ցրուել, մինչեւ իսկ կը խոստանայ միւս օրը պաշտօնական այցելութեան առթիւ գրուածը տանիլ։ Այդ բուռն ցոյցերու կարգին, կայսեր կողմէ նուիրուած թուղրային վրայ կը խոյանար Ճանկիւլեան, ու վար առնելով կը ջախջախէր։ Պատրիարքը ճարահատ եւ մահուան սպառնալիքին ներքեւ շուարած, բռնութեան հպատակելով տեղի կու տար, եւ ամբոխը հետը պատրիարքարանէ կը մեկնէր։ Ժխորը լսելուն վրայ` ոստիկանութիւնը տեղւոյն վրայ կը հասնէր, երբ արդէն պատրիարքն ու ամբոխը դէպի Քատըրկա յառաջացած էին, գնացքը հասած տեղը կը կեցնէ, եւ պատրիարքը յոյնի մը մերձակայ տունը կը տարուի, իրեն հետ Ճանկիւլեանն ալ, որ պատրիարքին պաշտպանութեան դերը ստանձնած էր. ամբոխէն 27 գլխաւորներ կը ձերբակալուէին, եւ նոյն տան մէջ հարցաքննութիւններ
359
եւ հետազօտութիւններ կը սկսէին, որոնց կը նախագահէր Տէրվիշ փաշա` կայսեր յատուկ հրամանով, զի կայսրը նոյն պահուն պայրամի հանդիսական արարողութեանց մէջ կը գտնուէր նոյն ժամայն, ոստիկանութեան նախարար Քեամիլ պէյը պաշտօնանկ կ’ըլլար, ժամանակին արթուն չգտնուելուն համար եւ դատաստանի կ’ենթարկուէր, եւ Նազըմ պէյ անոր կը յաջորդէր։ Եկեղեցւոյ մէջ թուղթ կարդացողը եւ թուղրան կոտրողը կը փնտռուէին, իբրեւ շարժումին պետերը, նոյնիսկ Ճանկիւլեանի առջեւ, որ հանդարտօրէն նստած էր պատրիարքին մօտ, մինչեւ որ երկուքն ալ նոյն իսկ ինքն եղած ըլլալը ականատեսներէն կը վկայուէր, եւ նա ալ ձերբակալութեան եւ հարցաքննութեան կ’ենթարկուէր պատերազմական ատեանի առջեւ եւ սպարապետի նախագահութեամբ։ Սաստիկ հետապնդութեամբ յառաջ կը տարուէր զինուորական ատեանին դատավարութիւնը, եւ Օգոստոս 8-ին վճիռը կը հրատարակուէր, որով Յարութիւն Ճանկիւլեան մահուան, եւ կայսերական ներմամբ ցկեանս բերդարգելութեան, եւ ուրիշ երեք անձեր 15 եւ հինգ ալ 5 տարուան բերդարգելութեան կը դատապարտուէին, 16 հոգի ալ անպարտ կ’արձակուէին։ Տե՛ս Ազգապատում, Գ. հատոր, հատուած 2947։ Պատրիարքին թանձրամտութիւնը, եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետին թերահաւատութիւնը ժողովրդային շարժումի մը հնարաւորութեան մասին, անխուսափելի ըրին 1890 յուլիս 15ի ցոյցը։ Գործնական Յեղափոխութեան թուականը բացուեցաւ այդ օրը Գում-Գաբու։ Բարի՞ք մը թէ չարիք մը այդ ցոյցը։ Տե՛ս Արփիար Արփիարեան, «Յուլիս 15ի ցոյցը եւ հետեւանքները», Նոր կեանք, Ա. տարի, թիւ 7, 1 Ապրիլ 1898, էջ 99-102։
[Կ. Պոլսոյ Վարիչ Մարմնոյն ընկերները] ճիշտ ժամուն ներկայ էին ժողովին։ Ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց որ ցոյցը տեղի ունենայ Գում Գաբուի Մայր եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքարանի մէջ, Յուլիս 15 Կիրակի, Գուրպան Պայրամի առաջին օրը։ Հակառակ մեր երեք ընկերիս փափաքին, մեծամասնութեամբ որոշուեցաւ խաղաղ ընել, ո՛չ զինեալ. որոշուեցաւ պահանջմնագրով մը արդի վիճակը մեր մէկ ընկերոջ հետ Աշըգեանի միջոցաւ ներկայացնել Համիտին։ Որոշուեցաւ որ ցոյցին գլխաւոր լիազօր ղեկավարները ըլլան երկու ընկերներ. ընկերներէն մին «Առաքելոց»ի ժամանակ պահանջմնագիրը կարդայ Մայր Եկեղեցւոյ աւագ Խորանէն եւ միւս ընկերը Աշըգեանը առնելով Պալատ երթայ եւ պատրաստուած պահանջմնագիրը ներկայացնէ, իբր Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչ։ Ցոյցին սկիզբէն մինչեւ վերջը ցուցարար ընկերները պիտի ենթարկուէին երկու գլխաւոր ղեկավար ընկերներու հրահանգներուն։ Իսկ Խան Ազատ, Մեղաւորեան, Սիմէոն եւ Ռափայէլ չպիտի մասնակցէին ցոյցին, որպէս զի հակառակ պարագային եթէ ձերբակալուէին, Թուրք Կառավարութիւնը` օտարահպատակ Հայերու մասնակցութեան տեղեակ չըլլար։ Երկու ղեկավար ընկերները պէտք էր վիճակով ընտրէինք, որուն համար 15 վայրկեան դադար տրուեցաւ։... Տե՛ս Յ. Կ. Ճանկիւլեան, Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն (պատկերազարդ), մասն Գ., Տպարան Կոհակի, Կ. Պոլիս, 1913, էջ 13 ... 123։
Այդ ցոյցին «հեղինակներէն եւ մասնակիցներէն» մէկը` Միհրան Տամատեան կը յուշագրէ. 1890ին, Մայիս ամսուան ընթացքին օսմանեան կառավարութիւնը Կարինի մէջ կը կատարէ բազմաթիւ ձերբակալութիւններ։ Կարնոյ հայերը տեղւոյն Հնչակեան մասնաճիւղին առաջնորդութեամբ բողոքի խաղաղ ցոյցեր կազմակերպեցին։ Ցոյցին կը հետեւի Կարնոյ կոտորածը։
360
Երբ Կարինի այս դէպքերուն լուրը կը հասնի Պոլիս, Հնչակեան մասնաճիւղը ի նշան բողոքի, կը կազմակերպէ 1890 Յուլիս 15ի (հին տոմար) Գում Գաբուի խաղաղ ցոյցը որ յետոյ կը վերածուի կառավարական միջամտութեամբ արիւնոտ պատահարի։ Այդ ցոյցին առթիւ կը ձերբկալուին Յարութիւն Ճանկիւլեան եւ ուրիշ մէկ քանի Հնչակեան ընկերներ։ Գում Գաբու ցոյցէն ետք, Կ. Պոլսոյ Հնչակեան մասնաճիւղը կը կատարէ մէկ քանի ահաբեկչական գործողութիւններ։ Տե՛ս Պ. Յ. Տեփոյեան, «Տամատեանի թերաւարտ յուշագրութիւնը», Միհրան Տամատեան (1863-1945), Ուխտուածներ մատենաշար, թիւ 1, Արեւի թերթօնը, Գահիրէ, 1956, էջ 40։ 65. Կ. Պոլսոյ Խորհրդական Մարմնի պատուիրակի հանգամանքով, Արփիար Արփիարեանի տեսակցութիւնը` Գում Գաբուի ցոյցին առիթով, Խորէն Աշըգեան Պատրիարքին հետ, տեղի ունեցած է Ղալաթիոյ Ազգային Խորհրդարանը, 1890 Յուլիս 10ին։ Տե՛ս Նոր կեանք, Ա. տարի, թիւ 5, 1 Մարտ 1898, էջ 74։ 66. Այդ մասին բանասէր Արշակ Ալպօյաճեան ալ կ’ակնարկէ` թէ «Արփիար յաճախ իր անձնական տեսակէտներուն համաձայն պատմութիւն շարայարելու տկարութիւնը ունի»։ Տե՛ս Արշակ Ալպօյաճեան, Մինաս Չերազ. իր կեանքը եւ գործը. իր 60 ամեայ յոբելեանին առթիւ, Գահիրէ, Տպարան Յաբէթ-Պաղտասար, 1927, էջ 105։ 67. 1887 թ. արդէն կազմուած էր եւ կը գործէր Պոլսոյ անանուն Կազմակերպութիւնը, որուն Վարիչ Մարմնոյն անդամներն էին` Մուրատ (Համբարձում Պօյաճեան), սեբաստացի Գրիգոր Անպարճեան, սեբաստացի Մարգար Մոմճեան, արաբկիրցի Գրիգոր Աչըքպաշեան, Յարութիւն Չաքըրեան, տիվրիկցի Յակոբ Սրապեան, Երուանդ Պօյաճեան։ Տե՛ս Յ. Կ. Ճանկիւլեան, Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն, Մասն Ա. եւ Բ., Կ. Պոլիս, 1913, էջ 108-112, 115-118։ Մարսէյլի մէջ հիմնուած Մկրտիչ Փորթուգալեանի «Հայոց Հայրենասիրական Միութեան» ծրագրին եւ գործունէութեան համակիր եղած են, առանց այդ միութեան մէկ մասնաճիւղը դառնալու. փութաջանութեամբ տարածած են Փորթուգալեանի հրատարակած Արմէնիան եւ այլ գրքոյկները։ Տե՛ս նշ. աշխ., էջ 118-125։
Աւելի ետք, Վարիչ Մարմինի անդամներուն վրայ կ’աւելնան` Միհրան Տամատեան պոլսեցի, մշեցի Արշակ Հայկունի, մշեցի Մարգար Վարժապետ, Յակոբ Գազանճեան եւ Գրիգոր Տէր Բաղտասարեանց։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 129։ Արփիար Արփիարեան, Լեւոն Բաշալեան եւ իրենց քանի մը գաղափարակիցներ իրենց տրամադրութեան ներքեւ ունէին եօթանասուն ոսկիի չափ դրամ։ Վարիչ Մարմնոյն յառաջդիմութիւնն ի նկատի ունենալով, մեզ հետ համաձայնութեան մը գալու կամ միանալու փափաք մը յայտնուեցաւ իրենց կողմէ, եւ մենք շատ սիրով եւ ուրախութեամբ լսեցինք իրենց առաջարկը. ոչ թէ նիւթական տեսակէտով միայն, այլ մտաւոր տեսակէտով մեզմէ շատ բարձր էին եւ մենք արդէն պէտք կը զգայինք այդ կարգի ոյժերու։ Բանակցութեան սկսուեցաւ բայց ցաւօք սրտի պէտք է ըսել թէ այդ բանակցութիւններն արդիւնաւոր ելքի մը չյանգեցան։ Արփիարեան խումբը աւելի պահպանողական ըլլալով, պայման կը դնէր միութենէն վերջ իրենց տուած հրահանգներով գործել, առաջարկ մը` որ աւելի դիւանագիտական
361
կերպով խնդիրը կարգադրելու կը միտէր։ Քանի որ Հայաստանի մէկ ծայրէն միւսը արիւն կը հոսէր, քանի որ հարստահարութիւններն օր ըստ օրէ կը շատնային որոշ եւ սիսդէմաթիք կերպով, եւ վերջապէս` քանի որ մենք Յեղափոխական Կազմակերպութիւն մ’էինք, բնականաբար չպիտի կարենայինք խումբին առաջարկն ընդունիլ, եւ ստիպուած էինք բանակցութեան վերջ տալ։ Բանակցութեան խզումէն վերջ դիմեցին Խրիմեանին իբր միջնորդ։ Խրիմեան ալ նոյնը ըսած էր ինչ որ մենք ըսած էինք։ Տե՛ս նոյն տեղը, էջ 135-136։ 1890 թ., Հնչակի խմբագրութեան կողմէ ղրկուած պատուիրակներու հետ` Բանկալթիի մէջ, շատ ապահով տեղ մը, երկու ամիս բանակցելէ ետք, Կազմակերպութիւնը, Կ. Պոլսոյ եւ գաւառներու` Սեբաստիոյ, Վանի եւ Մուշի իր մասնաճիւղերով, Հնչակեան Կուսակցութեան դրօշին տակ կը մտնէ` Հնչակեան անունը կրելով։ Տե՛ս Ճանկիւլեան, նշ. աշխ., մասն Գ., էջ 5-8։ 1889ի վերջերը Ժընեւի Հնչակեան կեդրոնի շրջանակէն ընկերներ կ’այցելեն Պոլիս եւ կը բանակցին Պոլսոյ յեղափոխական խումբի վարիչներուն հետ։ Բանակցութիւնը յաջող եզրակացութեան կը հասնի եւ Հնչակեան կուսակցութիւնը կը հաստատուի Պոլսոյ մէջ շուտով տարածուելու երկրին ներսերը։ Եւ բոլոր անջատ շարժումները կը միացուին Հնչակեան կուսակցութեան եւ անմիջապէս պրոպականդ կատարելու համար ընկերներ ճամբայ կը հանուին զանազան ուղղութիւններով։ Տամատեան այս յեղափոխական շրջանակին մէջ առաջնորդող կարկառուն դէմքերէն մէկը եղաւ։ Տե՛ս Տեփոյեան, «Տամատեանի թերաւարտ յուշագրութիւնը», էջ 40։ 68. Իր բանտէ արձակուիլը 1894 Մայիսի վերջերը, մօտաւորապէս կը զուգադիպէր իր ձերբակալութեան տարելիցին։ Որչափ որ Սուլթանական ներումով ազատ արձակուած, թուրք կառավարութեան եւ ոստիկանութեան աչքին ան դարձած էր փուշ մը։ Միւս կողմէ իր անակնկալ կերպով բանտէ ազատումը ոմանց մտքին մէջ կասկածներու տեղի տուած էր։ Իսկապէս կարելի չէր բացէ ի բաց տանիքներու վրայ յայտարարել այն պարագաներն ու դարձուածքները, որոնց արդիւնքն էր իր ներման արժանանալը Սուլթանին կողմէ։ Տե՛ս Տեփոյեան, «Տամատեանի թերաւարտ յուշագրութիւնը», էջ 91-92։ 69. Պօլսի Հնչակեան վարչութիւնը 1895 թւականի սկզբին իբր անդամ հրաւիրում է Արփիար Արփիարեանին։ Պօլսի Հնչակեան մասնաճիւղին չէր կարող յայտնի չլինել Արփիարեանի անցեալից գոնէ երկու փաստ – յեղափոխական պատրւակով Կովկասից վերցրած որոշ գումարի կլանումը եւ նրա նշանաւոր Մեղայագիրը։ Եթէ այսուհանդեձ մասնաճիւղը դիմում է արդէն արատաւորւած անձնաւորութեան աջակցութեան, դա պարզ ցոյց է տալիս, թէ որքան ստորացել էր արդէն այդ ժամանակ հնչակեան գործիչների բարոյական մակարդակը եւ թէ որքան քիչ պահանջներ էր դնում Հնչակեան մասնաճիւղը իր պատասխանատու գործիչների նկատմամբ։ Հնչակեան Կեդրօնի ասելով` Արփիար Արփիարեանը անյայտ պատճառներով աջողել է ներս սպրդել Կ. Պօլսի Հնչակեան վարչութեան մէջ եւ դառնալ նրա անդամ եւ նա Կեդրօնը, խստիւ բողոքել է, «այդ կամայական ընդունելութեան դէմ, իմանալով Արփիարեանի անցեալը, որպէս նաեւ ամենքին արդէն յայտնի լինելով մի քանի գծեր նրա այդ անցեալից»։ «Հնչակեան Կուսակցութեան բարոյական մթնոլորտը», Յաւելուած Դրօշակի, 15 Ապրիլ, 1899, էջ 3։ 70. Այս մասին յանձնարարելի է կարդալ` Գ. Խ. Ստեփանյան, Արփիար Արփիարյան, Հայկական ՍՍՌ ԳԱ Հրատարակչություն,
362
Երևան, 1955, էջ 78-118, 119-170, 170-214, 255-284։ Գ. Ստեփանյան, «Արփիար Արփիարյան», տե՛ս Հայ նոր գրականության պատմություն, հատոր չորրորդ, Հայկական ՍՍՌ ԳԱ Հրատարակչություն, Երևան, էջ 374-405։ 71. Կեդրօնին «անյայտ պատճառներով ներս սպրդած», իր կեղտոտ անցեալով յայտնի Արփիար Լօնդօն է գալիս։ Եթէ չափազանցրած է Վերակազմեալ Կեդրօնական Վարչութեան 1 դեկտեմբեր 1896 Շրջաբերականից առաջ բերած «ամենասիրալիր ընդունելութեան» փաստը, նրա հասցէին ուղղւած ճառը եւլն... մի բան անհերքելի է մնում – «լրտես, յեղափոխական դրամ կլանող, մատնիչ, հեղինակ նշանաւոր Մեղայագրի», Արփիարը ընդունւում է Կեդրօնի մէջ եւ համարւում է ընկեր։ Կեդրօն մտնելով, Արփիարը սկսում է ինտրիգներ սարքել։ Կեդրօնը իմանում է այդ ինտրիգների մասին։ Ի՞նչ միջոցներով – «լրտեսներ» կարգելով, եւ ո՞ւմ – Հնչակեան կուսակցութեան Զէյթունի «Ընդհանուր ներկայացուցիչ» Աղասուն եւ Զէյթունի Ընդհանուր Հրամանատար Ապահին։ [...] Սրանից յետոյ Արփիարեանը արտաքսւում է Հնչակեան կուսակցութիւնից, եւ նրա վճռագրի տակ ստորագրած ենք տեսնում իմիջի այլոց նաեւ Տամատեանի, Աղասու եւ Ապահի անունները։ Տե՛ս «Հնչակեան Կուսակցութեան բարոյական մթնոլորտը», Յաւելուած Դրօշակի, 15 Ապրիլ, 1899, էջ 4։ 72. ...Նորակազմ Կեդրօնի դեռ սկզբի օրերին, վարչութեան մէջ մնացել էին միայն երեք ընկեր, որոնք իրար չյարգելուց ու չհաւատալուց շարունակ տեղի էր ունենում անհամաձայնութիւն եւ նոյնիսկ կռիւներ... Որքան զզւելի էր տեսնել, թէ ինչպէս Կտլօզեանը (Սուրէն Սուրէնեան) կեղծ բռունցք էր բարձրացնում Արփիարեանի վրայ եւ հայհոյում, Տամատեանին խաբելու համար... Տամատեանի դեռ չգժտւած ժամանակ, դեկտեմբեր 20-25, մի քանի անգամ Արփիարեան բերեց գրած նամակներ եւ Կտլօզեանից փսփսալէն աղաչում էր ստորագրել Վ... Գ..., իսկ ինքը ստորագրել էր Լ... Բ... Կտլօզեանը առաջին անգամին իբր դիմադրում էր այդ խարդախութեան, բայց Արփիարեանի եզւիտութիւնը յաղթող հանդիսացաւ։ Տամատեանը այս ամէնը տեսնում էր ու լռում... Երկար համբերելոց` տեղի ունեցաւ անպատիւ կռիւը, որոյ պատճառաւ թքեց Արփիարեանի երեսին եւ հեռացաւ։ Քաղուած` «Հայ յեղափոխութեան ցեցերը», ստորագրած` Սօսի Գուգարեան եւ ընկերներ, Թռուցիկ թիւ 11, Պարիզ, 30 Ապրիլ 1897. տե՛ս Յաւելուած Դրօշակի` 15 Նոյեմբեր 1899, էջ 17։
Ենթական` Միհրան Տամատեան, եղելութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ ձեւով. Տամատեան կեդրոնէն հրաժարած` մտած էր բողոքողի դերին մէջ։ Ան այս դիրքին մէջ մնաց Լոնտոն դեռ վեց-եօթը ամիսներ, որմէ յետոյ կը պատրաստուէր մեկնիլ Ամերիկա երբ Եգիպտոսէն ստացաւ հրաւիրագիր մը ընդհ. ժողովի, որ պիտի գումարուէր 1898ի սկիզբները Աղեքսանդրիա, կեդրոնի անդամներուն կարգադրութեամբ քանի որ Արփիար ալ այդ միջոցին Եգիպտոս կը գտնուէր։ Այս ընդհ. ժողովին շարժառիթներէն մին ալ ըստ երեւոյթին քննել էր Արփիարի եւ Տամատեանի միջեւ գժտութեան խնդիրը։ Տամատեան իրազեկ կուսակցութեան մէջ անցած դարձածներուն, յոյս չունէր համաձայնութեան յանգելու իր ընկերներուն հետ, բայց առիթ չտալու համար, որ Արփիար արդարացուի եւ ինքը ներկայացուի իբր փախուստ տուող կուսակցութեան բարձրագոյն ժողովին առջեւ, 1897ի վերջերը մեկնեցաւ Լոնտոնէն եւ հասաւ Աղեքսանդրիա։ Ընդհանուր ժողովը բացուեցաւ Աղեքսանդրիա, Ատոմ Ասլանեանի տան մէջ։ Նախնական մէկ քանի նիստերէ յետոյ Արփիար առաջարկ մը ներկայացուց թէ ըստ որում ժողովը խիստ ծանրակշիռ եւ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող որոշումներ պիտի քուէարկէ, պէտք է ժողովականները
363
բացարձակ գաղտնապահութեան երդում ընեն։ Տամատեան ըսաւ, եթէ այդ երդումը Հնչակեան կուսակցութեան հաւատարմութեան եւ անոր գաղտնիքները թշնամիին եւ կամ կուսակցութենէն դուրս գտնուող շրջանակներու չյայտնելու համար է, մենք ամէն մէկերնիս այդ երդումը ըրած ենք կուսակցութեան մէջ մեր մտած օրն իսկ, եթէ երդումին նպատակն է որեւէ որոշումի մը պարագային արգիլել որ փոքրամասնութեան մէջ մնացող անդամ մը կարենայ հասցնել իր բողոքի ձայնը կուսակցութեան մասնաժողովներուն, այդ պարագային այսպիսի երդում մը դաւադրական բնոյթ մը կ’ունենայ։ Պատգամաւորները բոլորն ալ միաբերան ճշդեցին, որ ժողովին գաղտնիքները որեւէ պարագայի մէջ պէտք չէ յայտնաբերուին նոյնիսկ մասնաժողովներուն կամ մասնաճիւղերուն ոչ իսկ իբրեւ բողոք կամ լուսաբանութիւն։ Այս մեկնաբանութիւնը չընդունեց Տամատեան եւ նախընտրեց մեկնիլ ժողովասրահէն քան երդումով կաշկանդել իր ազատութիւնը քանի որ ինք արդէն իրազեկ եղած էր ժողովին մէջ տիրող մթնոլորտին։ Իսկ Արփիար այդ երդումի ձեւակերպութիւնը մէջտեղ նետելով հասած էր Տամատեանը ժողովէն հեռացնելու իր նպատակին։ ...Ընդհանուր ժողովին երկու կարեւոր որոշումները... կը բանային կուսակցութեան եւ Տամատեանի տեսակէտներուն միջեւ լայն խրամատ մը, որով Տամատեան ինքզինք յայտարարեց կուսակցութենէն հրաժարած։ Տե՛ս Տեփոյեան, «Տամատեանի թերաւարտ յուշագրութիւնը», էջ 121-123։ 73. Այս անձին ինքնութիւնը ճշտելու համար` օգնութեան կը հասնի Վահան Թէքէեան. Արփիարեան եւ իր եղբօրորդին Փիլիկ, Յար. Թիւրքեան (պաշտօնեայ Երկաթուղեաց Վարչութեան) եւ ես կը բնակէինք նոյն յարկաբաժինը, Շարա Էլ-Մանախ, Նէշընըլ Րէզիտանս շէնքին մէջ` որ մաս կը կազմէ Նէշընըլ Հօթէլի պլոքին։ Երբ Լուսաբերի խմբագրապետութենէն վտարուած է Արփիարեան, Յարութիւն Թիւրքեան եւ ուրիշներ մէկ կամ երկու ամիս օգնած են իրեն, մինչեւ որ ան կրկին վերադարձած է իր պաշտօնին։ Վ. Թ., «Ճշմարտութիւնը. Պ. Արսէն Երկաթին համար», Արեւ, 13 Մարտ 1943, էջ 2։
364
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Շնորհակալիք Տիգրան Գէորգեան` եգիպտահայ վերջին բանասէրը Նախաբան Ա. հատորի
3 5 41
Ժողովրդական պայքարի էպոսը` Սասունցի Դաւիթ
55
Մխիթարեաններու գրական վաստակը
Ակնարկ մը Եգիպտոսի մէջ հայ լրագրութեան սկզբնաւորութեան մասին
43
70
Նիւթեր հայ ձեռագիր պարբերական մամուլի պատմութեան համար Ա. Պատանի խմբագիր եղբայրներ եւ Հայ պատանի հանդէսը Բ. Ղուղիկօ կամ Մանկական փունջ շաբաթաթերթը
75 81
ԺԸ. դարու լուսաւորիչը` Մխիթար Սեբաստացի. ծննդեան Գ. դարադարձին առիթով
98
Նուպար փաշա. պետական մարդը եւ արդարութեան ռահվիրան
Միջնադարեան հայ պատմագիրներու վերջին ներկայացուցիչներէն` Յովհաննէս Արք. Սեբաստացի «Հետախոյզ հայ մարդը». Իսթանպուլցի Կարպիս Ե. Մուրատեան117
Արաքս կիսամսեան` Աղեքսանդրիոյ «Հայուհեաց»ին գրական ձեռնարկը. անծանօթ էջ մը եգիպտահայ մամուլի պատմութենէն
Հայերէն լեզուի գիտական քերականութեան նախաձեռնարկ Յովհաննէս Վրդ. Քռնեցի
Կրօնական աշխարհայեացքը եւ կրօնական շարժումները ԺԸ. դարու առաջին կիսուն. Կոլոտ Յովհաննէս պատրիարքի ծննդեան Գ. դարադարձին առիթով
85
110
126 144 160
365
Պատմական անդրադարձում ճնշուած ազգերու հակասուլթանական եւ ազգային-ազատագրական պայքարին մասին. Ապրիլեան Եղեռնի 65-ամեակին առիթով
172
Սովետահայ գրականութեան զարգացումի հանգրուանները
198
Հ.Բ.Ը.Մ. պատմական ակնարկ իր ադամանդեայ յոբելեանին առիթով Հայ ձեռագիր պարբերականները
Ագաթանգեղոս, Քրիստոսի խոստովանողը եւ ճշմարտութեան վկան Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ համայնքը. անցեալը եւ ներկան իր բոլոր կառոյցներով եւ կարկառուն դէմքերով
Ագաթանգեղոս, Պարկեշտագեղ Հռիփսիմէի վկայաբանութիւնը Քրիստոսի խաչազգեաց վկաները
Է. դարու հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններ Գաղափարի զոհը` Արփիար Արփիարեան
366
181
218
244 249
286
299
304
311
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 2016
Յաւելուած Ա. Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ, նախաբան` Հայկ Աւագեան (59 էջ)
Յաւելուած Բ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ` յիշողութիւն եւ մարտահրաւէր (դասախօսութիւն) (40 էջ)
Յաւելուած Գ. Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր` Հ. Աւագեան (61 էջ)
Յաւելուած Դ. Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը (202 էջ)
2017
Յաւելուած Ե. Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (317 էջ) Յաւելուած Զ. Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (201 էջ)
Յաւելուած Է. Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (561 էջ)
Յաւելուած Ը. Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքի ուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (546 էջ)
367
Յաւելուած Թ. Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (19401948), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (88 էջ)
Յաւելուած Ժ. Տիրան Կարապետեան. յօդուածներ իր մասին, նկարներու ալպոմ (ծննդեան 135ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (73 էջ)
Յաւելուած ԺԱ. Վանիա Էքսէրճեան. բազմերանգ աշխարհ մը համակ կենսունակութեամբ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (53 էջ)
2018
Յաւելուած ԺԲ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Ա.- Հայկ Աւագեան, Արփիար Արփիարեանի սպանութիւնը (155 էջ)
Յաւելուած ԺԳ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Բ.- Արփիար Արփիարեանի լոնտոնեան թղթածրարը Գահիրէի մէջ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (497 էջ)
Յաւելուած ԺԴ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Գ.- Մարդը ընդդէմ մարդու. մահափորձեր եւ սպանութիւններ հայկական օրինակով (1890-1908), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (169 էջ)
Յաւելուած ԺԵ. 2008 Մարտ 1-ը ըստ Lragir.am-ի, A1+-ի եւ Հետքի (10-ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (625 էջ)
Յաւելուած ԺԶ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Ա. փուլ (13 – 23 Ապրիլ 2018) (32 էջ) Յաւելուած ԺԷ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Բ. փուլ (25 Ապրիլ – 1 Մայիս 2018) (58 էջ)
368
Յաւելուած ԺԸ. Արմենակ Շահ-Մուրատեան. ժամանակագրութիւն, յօդուածներ, երգացանկ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (580 էջ)
Յաւելուած ԺԹ. Գոհարիկ Ղազարոսեան. ցանկ ստեղծագործութիւններու, սկաւառակագրութիւն, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (160 էջ)
Յաւելուած Ի. Մարուշ Երամեան, Ուրուանկար 1965-1995 թուականներու Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան, ներածութիւն` Հայկ Աւագեան, գնահատանքի խօսք` Արմենակ Եղիայեան (182 էջ)
2019
Յաւելուած ԻԱ. Քիրազ. ընտրանի եգիպտական շրջանի երգիծանկարներու, հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (81 էջ)
Յաւելուած ԻԲ. Հայկ Աւագեան, Վահան Թէքէեանի յօդուածները Արեւ լրագիրին մէջ. հնարաւորութի՞ւն թէ դիմադրութիւն (124 էջ)
Յաւելուած ԻԳ. Հայկ Աւագեան, Արամ Խաչատրեանի ընկալումը եգիպտական շրջանակներու մէջ. փոխուող յարացոյցներ (250 էջ)
Յաւելուած ԻԴ. Վարան Ոյժ, Յակինթի պարտէզը (բանաստեղծութիւն), նախաբան` Հ. Աւագեան (52 էջ)
Յաւելուած ԻԵ. Եւգենեա Արիստակեան, Յուշեր գաղութահայ կեանքից, տեքստի կազմող, առաջաբանի եւ ծանօթագրութիւնների հեղինակ` Արծուի Բախչինեան, ներածութիւն` Հ. Աւագեան (264 էջ)
Յաւելուած ԻԶ. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ ազատագրական շարժման. դասախօսութիւններու շարք, հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (101 էջ)
369
Յաւելուած ԻԷ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Ա.- Կոմիտաս վարդապետ, Տարբերակներ դաշնակի ստեղծագործութիւններու, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւն` Հայկ Աւագեան (160 էջ)
Յաւելուած ԻԸ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Բ.- Հայկ Աւագեան, Կոմիտաս վարդապետի բաց ստեղծագործութիւն հասկացողութիւնը. տարբերակներ եւ ինքնատարբերակներ Կոմիտասի թեմայով (89 էջ) Յաւելուած ԻԹ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Գ.- Հայկ Աւագեան, Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի մշակութային ժառանգութիւնը եւ Կոմիտաս վարդապետի Մշոյ Շորորը (127 էջ)
Յաւելուած Լ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Դ.- Ձայնագրեալ Պատարագը Կոմիտաս վարդապետի սրբագրութեամբ (ըստ Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանի ինքնագիր նիւթերուն), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (348 էջ) 2020
Յաւելուած ԼԱ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Ա. հատոր, Ուսումնասիրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (370 էջ)
Յաւելուած ԼԲ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Բ. հատոր, Մատենագիտութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (141 էջ)
Յաւելուած ԼԳ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Գ. հատոր, Զանազան գրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (408 էջ)
370