Tchahagir Supplement No. 33 - Ջահակիր, Յաւելուած ԼԳ.

Page 1

ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ԵՐԿԵՐ ԵՐԵՔ ՀԱՏՈՐՈՎ

Գ. ՀԱՏՈՐ ԶԱՆԱԶԱՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց`

ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ

ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԳ. ԳԱՀԻՐԷ 2020



ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ԵՐԿԵՐ ԵՐԵՔ ՀԱՏՈՐՈՎ

Գ. ՀԱՏՈՐ ԶԱՆԱԶԱՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ

ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԳ. ԳԱՀԻՐԷ 2020


Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան

Այս գիրքը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։

Ստանալու համար դիմել` tchahagir@journalist.com


ՆԱԽԱԲԱՆ Գ. ՀԱՏՈՐԻ

Հատորը կը բովանդակէ Տիգրան Գէորգեանի յօդուածները, գրախօսականները, քննախօսականները, հրապարակումները, բնագիրները (բնագիրներու վերատպութիւններ), թարգմանութիւնները, ելոյթները եւ անաւարտ ձեռագիրները։ Տպագիր գրութիւնները լոյս տեսած են եգիպտահայ մամուլին մէջ` Արեւ, Ջահակիր, Տեղեկատու եւ Յուսաբեր, ինչպէս նաեւ մէկ հատ մը` Հայկազեան հայագիտական հանդէսին մէջ։ Գալով անաւարտ երեք ուսումնասիրութիւններուն, անոնց մեքենագիրձեռագիր բնագիրները կը գտնուին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գէորգեանի դիւանը (տե՛ս Ա. հատոր, «Տիգրան Գէորգեան` եգիպտահայ վերջին բանասէրը»)։ Արդարեւ, անաւարտ գործերը անկարելի է «ամբողջական» ներկայացնել։ Միայն բնագիրը կրնայ արտայայտել իր անկատար բովանդակութեան ամբողջականութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, փորձ մը կատարեցի այս մեքենագիր-ձեռագիրները ներկայացնել ինչպէս որ կան` իրենց հատուածականութեամբ եւ անկապ պատառիկներով, քանի որ անոնք հարուստ ատաղձ կրնան տրամադրել յետագայ ուսումնասիրութիւններու համար։ Հ. Ա.

3



ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ



ՄԵՄԼՈՒՔԵԱՆ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ ՄԸ

ԺԳ. դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ ԺԶ. դարու առաջին քառորդը տարածուող ժամանակաշրջանի ընթացքին, Եգիպտոս կառավարուած է այլացեղ եւ այլակրօն մեմլուքներու կողմէ, որոնք իբր ստրուկ Գահիրէ բերուելէ եւ իսլամականռազմական խիստ դաստիարակութիւն ստանալէ ետք, երբ ազատագրուած են, բարձր պաշտօններ վարած են երկրին մէջ, յաճախ ձեռք առնելով երկրին ճակատագիրը։ Մեմլուքներէ բաղկացած զօրաբանակ` առաջին անգամ կազմած է Սուլթան Սալահէտտին։ Մինչեւ 1250 թուականը, անոնք այնքան զօրացած են, որ կրցած են վերջ դնել Այուպեան իշխանութեան։ Անոնց տիրապետութիւնը ունեցած է երկու շրջան. Պահրիյէ մեմլուքները` թուրք, քիւրտ, թաթար ցեղերէ կազմուած, տիրած են մինչեւ 1382 թուականը, իսկ Շարասքաները` չէրքէզ, հայ, վրացի եւ այլ ցեղերէ բաղկացած, երկիրը կառավարած են մինչեւ 1517 թուականը։ Մեմլուքներու հայ ծագումը յաճախ պատմութեան մէջ չէ յիշատակուած։ Անոնցմէ միայն ընտանիքի մը մասին` պատմագիր էլ Մագրիզի շահեկան տեղեկութիւններ հաղորդած է իր Խիթաթ խորագրով աշխատութեան մէջ։ Այդ ընտանիքէն առաջին անձը` Մուվաֆաքէտտին Ապուլ Ֆարաճ կը կոչուի։ Ան Մալիք էզ Զահէր Պարքուքի թագաւորութեան շրջանին` 1383-ին, Տիուան էլ Խասսայի տեսուչ կարգուած է։ Շրջան մը Մալիք էզ Զահէր գահընկեց կ’ըլլայ. երբ վերստին գահ կը բարձրանայ, 1390-ին, Ապուլ Ֆարաճը պաշտօնանկ կ’ընէ, սակայն շուտով կը վերահաստատէ իր պաշտօնին մէջ։ Իր որդին է` էմիր, վէզիր եւ ուսթատար Թաճէտտին Ապտէրրազզաքը, որուն մասին այլ տեղեկութիւններ չէ հաղորդուած։ Ապտէրրազզաքի որդիներէն մէկը` Ֆախրէտտին Ապտէլ Ղանի ունեցած է էմիր, վէզիր, մուշիր եւ ուսթատար տիտղոսները։ Իր կարեւոր շինութիւններէն մէկն է «Ճամի էլ Պանաթ»ը, որուն կառուցումին ձեռնարկած է 1418-ին, եւ երբ նոյն տարուան Շէուալ ամսուն 15-ին մահացած է, թաղուած է իր թերաւարտ մզկիթին մէջ։ Ֆախրէտտինի եղբայրը` Զէյնէտտին, ճանչցուած է Գատի Եահիա անունով։ Իր մասին` ԺԵ. դարու արաբ քրոնիկագիր մը հաղորդած է, թէ եղած է Սուլթան էզ Զահէր Չաքմաքի ուսթատարը եւ խորհրդականը։ 1563-ին, երբ Սուլթան Չաքմաքի կը յաջորդէ իր որդին` Սուլթան Օսման, Զէյնէտտին նոր սուլթանին

7


ոխակալութեան զոհը կը դառնայ։ Օսման Իպն Չաքմաքի քանի մը ամսուան գահակալութենէն ետք, անոր յաջորդին օրով իր պաշտօնին մէջ կը վերահաստատուի. սակայն Զէյնէտտին կասկածելուն համար, իր տունը պահուած կը մնայ, որուն պատճառով սուլթանը արգելափակում կը սահմանէ եւ Երուսաղէմ կ’աքսորէ` անոր հարստութիւնը կորզելու դիտաւորութեամբ։ Յաջորդական երկու սուլթաններու օրով ալ դառն օրեր կ’ապրի ան եւ սուլթանին հրահանգով` գանակոծութեան ժամանակ հոգին կ’աւանդէ։ Սուլթան էլ Աշրաֆ Քայիթպայի արտօնութեամբ` Զէյնէտտին կը թաղուի իր կառուցած մզկիթին մէջ։ Գատի Եահիա` իր փառքի օրերուն, Հինրէթի 848 թուականին, կառուցանել տուած է ուսումնարան-մզկիթ մը, որ մինչեւ այսօր կանգուն կը մնայ էլ Խալիլ եւ էլ Զահէր փողոցներու խաչմերուկին անկիւնը։ Ասկէ զատ, Պուլաք եւ Հապպանիէ թաղամասերուն մէջ ալ, իր անունով մնացած մզկիթներու աւերակներ կան։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 4 Հոկտեմբեր 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.442

8


ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԱՒԵՏԻՍ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԸ

Եգիպտահայ գաղութը` իր անգիր տարեգրութիւններուն մէջ, քանիցս արձանագրած է գիտական բարձր կոչումներ ստացած իր արժանաւոր զաւակներուն անունները։ Ինչ որ մեր օրերուն համար բացառիկ երեւոյթ մը պէտք է նկատել` միշտ համայնքային չափանիշով, տակաւին անցեալ ամսուն` Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան Ամբիոնին ներկայացուած եւ հրապարակաւ պաշտպանուած դիսերտացիան է, որուն մանրամասնութիւնները` Արեւ օրաթերթը փութկոտութեամբ տեղեկացուց իր հետաքրքիր ընթերցողներուն։ Բոլորիդ ծանօթ է, թէ դիսերտանտը` Արեւի ժրաջան խմբագիր Աւետիս Եափուճեանն է, որ դժուարահաճ պատմաբաններու յանձնախումբի մը առջեւ` պատուով պաշտպանած է այնքան խնամքով պատրաստած բաւական ընդարձակածաւալ իր գիտական ուսումնասիրութիւնը, որուն համար արժանացած է Պատմական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանին` Գիտական Խորհուրդի միաձայն որոշումով։ Բացառիկ պատեհութիւն մըն է, որ Աւետիս իր դիսերտացիան պատրաստած է Դոկտ. Պրոֆ. Վարդան Պարսամեանի նման հեղինակաւոր պատմաբանի մը գիտական ղեկավարութեամբ։ Մեծարգոյ Պրոֆեսորը` ժամանակակից պատմագիտութեան յառաջապահ դէմքերէն է, եւ Վարիչը Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան Ամբիոնին։ Աւետիսին ուսումնասիրութիւնը բարձր գնահատուած է իր ընդդիմախօսներէն` Հայաստանի Գիտական Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Ինստիտուտի Թրքագիտութեան բաժնի վարիչ Դոկտ. Պրոֆ. Երուանդ Սարգսեանէն, Պոլիտեխնիկ Ինստիտուտի Պատմութեան Ամբիոնի Վարիչ Դոկտ. Պրոֆ. Սամուէլ Ալիխանեանէն, եւ նոյն Ամբիոնի դոցենտ, Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Ալեքսանդր Սարգսեանէն։ Իրենց գնահատական գրաւոր կարծիքը յայտնած են նաեւ Գիտական Ակադեմիայի Արուեստի Ինստիտուտի տնօրէն Դոկտ. Պրոֆ. Ռուբէն Զարեանը եւ Բրիուսովի անուան օտար լեզուներու Ինստիտուտի Պատմութեան Ամբիոնի վարիչ Դոկտ. Պրոֆ. Մակիչ Արզումանեանը։

9


Այս յաջողութիւնը` ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ մը եղաւ մեր սիրելի Աւետիսին բոլոր բարեկամներուն համար, որովհետեւ տասնամսեայ տքնութիւններէ ետք, արդարօրէն ան նուաճեց այն դափնեպսակը` որ կը շնորհուէր Պատմական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան պաշտպանող առաջին սփիւռքահայուն։ Այլեւս չափսոսանք, որ մեզմէ անդարձ մեկնողներուն պատճառով, եգիպտահայ գաղութին մէջ մէկ հատ իսկ պատմա-բանասէր գոյութիւն չունի...։ Ահա մեր առջեւ կանգնած է յաղթահասակ Աւետիսը` պատմաբանի իսկական պատմուճանով. մէկ ձեռքին մէջ գիտական իր վերջին աշխատութիւնը, իսկ միւսին` թեկնածուական դիպլոմը, տրուած հայութեան պարծանքը եղող Երեւանի Պետական Համալսարանէն։ Բոլոր անոնք` որոնք հետեւած են Արեւ օրաթերթի վերջին քսանհինգ տարիներու ամենօրեայ համարներուն բովանդակութեան, նկատած են` թէ ժամանակի հոլովոյթին հետ, Աւետիսը մասնաւորաբար փորձած է գեղարուեստական արձակ գործեր թարգմանել (երբեմն մեծածաւալ, մանաւանդ Վիկթոր Կարտոնի եռագրութեան առաջին երկու մասերը), գրած է զանազան հարցերու մասին ակնարկներ, վարած է բազմաթիւ հարցազրոյցներ, ամփոփած է ընթերցողի իր տպաւորութիւնները, վրձինած է երգիծական դիմաստուերներ։ 1968-ին, բոլորովին անսպասելի շրջադարձ մը կատարելով, գեղարուեստական գրականութեան ծաղկաւէտ պարտէզէն` Աւետիս կամացուկ մը անցաւ պատմութեան քիչ մը չոր անդաստանը, եւ այդ թուականէն սկսեալ, ամէն տարի ընթերցողին ուշադրութեան յանձնեց պատմական կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին` թրքական արշաւանքները դիմագրաւելու համար հայ ժողովուրդին հերոսական մաքառումները, եւ առանձին հարցեր լուսաբանող մենագրութիւններ, որոնք ընդհանրապէս ներկայացուած են նոր պատմահայեցողութեամբ։ Այսպէս` Աւետիս իր ուսումնասիրութիւններուն առարկան դարձուց Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստրկացնողներն ու հայ ժողովուրդին մեծ գոյամարտը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը կազմակերպողն ու անոր հետեւանքը, Արեւմտահայաստանի կորուստն ու անոր պատասխանատուները, հուրէն ու սուրէն վերածնած հայ ժողովուրդը, քաղաքական-զինուորական-տնտեսականընկերային կացութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան, Պաքուի հերոսամարտն ու անոր պարտութեան պատասխանատուները։ Աւետիս` իր դիսերտացիային համար թեմա ընտրած է դարձեալ նոյն ժամանակամիջոցէն աւելի նեղ շրջան մը` 1918 թուականի թրքական արշաւանքը Հայաստան եւ Պաթումի պայմանագիրը։ Պատմագիտական գրականութեան մէջ, Պաթումի պայմանագիրը` «ստորացուցիչ» կամ «ստրկացուցիչ» պայմանագիր որակումով ծանօթ է։ Թուրքիոյ եւ Հայոց Ազգային Խորհուրդի պատուիրակներուն միջեւ Պաթումի

10


մէջ կատարուող բանակցութիւնները յանգած են հաշտութեան պայմանագրի մը, որ կնքուած է 1918 Յունիսի 4-ին։ Հայ բազմաչարչար ժողովուրդին համար, պայմանագրին տրամադրութիւնները իրապէս ստրկացուցիչ էին, որովհետեւ Թուրքիոյ հողամասին պիտի կցուէին Սուրմալուի գաւառը, Ալեքսանդրապոլի եւ Էջմիածնի գաւառներուն մեծ մասը, Երեւանի եւ Շարուր-Դարալագեազի գաւառներէն մաս մը. այդ կտրատումներուն հետեւանքով` Հայաստանի երկրամասը պիտի կազմէր մօտաւորապէս 10,000 քառ. քմ. տարածութիւն մը։ Հողային զաւթումէն զատ, Հայաստան պէտք է զինաթափուէր, չէր կրնար դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակել Թուրքիոյ հետ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող պետութիւններու հետ. ատկէ զատ, Հայաստան պարտաւոր էր իր երկաթուղային կայարանները թրքական հսկողութեան տակ դնելու` զօրք եւ ռազմամթերք տեղափոխելու համար։ Ուշագրաւ է, որ ամէն ինչ նախատեսուած է Հայաստանը ինքնուրոյնութենէ զուրկ պետութեան մը վերածելու համար։ Նշուած հարցերէն կարելի է եզրակացնել` թէ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութենէն, Աւետիսը ընտրած է երկուքուկէս-երեք տարուան շրջանի մը ազգովին կատարուած մաքառումները եւ բոլոր դրուագները քննարկած է նորօրեայ պահանջներու տեսանկիւնէն գնահատելով։ Ուրախալի է, որ անցեալի ցաւոտ օրերու միայն պատմութեան քաջածանօթ Աւետիսը` ապրեցաւ պատմական մեծ վերափոխութիւններ կատարուած մեր հայրենիքին մէջ, ուր տնտեսական եւ մշակութային վերածնունդին ականատես ըլլալուն բերկրանքն ալ զգաց` շնորհիւ Հայկական ՍՍՀ Բարձրագոյն եւ Միջնակարգ Մասնագիտական Կրթութեան Մինիստրութեան եւ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին ընձեռած դիւրութիւններուն։ Արդար է այս առիթով նշել` թէ Արեւի շրջանակին գաղափարական ղեկավարները, իրենց անձնուէր գործակցութեամբ սատարեցին Աւետիսին յաջողութեան ձեռքբերումին, կ’երեւի այն հաստատ համոզումով` թէ մեր համայնքային կեանքին այսօրուան տարտամ վիճակին վերջ կը դրուի միայն մտաւորական ղեկավարներ պատրաստելով։ Թէեւ թեկնածուական աստիճանը` ամերիկեան Ph.D.ին համազօր տիտղոս մը կը նկատուի, ես սրտանց կը մաղթեմ` որ շատ մօտիկ ապագային, Աւետիսը պատեհութիւնը ունենայ հայկական դոկտորականն ալ պաշտպանելու։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 27 Յուլիս 1974, ԾԹ. տարի, թիւ 16.880

11


ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԲԵՂՈՒՆ` ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ԵՒ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒԱԾ

(ՀԱՅՐ ՄԵՍՐՈՊ ՎՐԴ. ՃԱՆԱՇԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ) Մէկ րոպէ լռութիւն այս Շիրմի մօտ մենաւոր ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՍԱՐՈՅԵԱՆ

Սուրբ Ղազարու Հայկական ճեմարանին նախագահը` Հայր Մեսրոպ Վրդ. Ճանաշեան, իր եօթանասունին սեմին դեռ չհասած ստեղծագործական ծաղկուն շրջանի մէջ էր, երբ անցեալ գարնան առաջին շաբաթներուն, անսպասելի կերպով կը տագնապէր իր սիրտը, եւ Հրաշափառ Յարութեան նախօրեակին` կեանքէ կեանք կը փոխադրուէր, Ամենակարողին աւանդելով իր հոգին, ամբողջ գիտակցական կեանքը Տիրոջ փառաւորումին հետ` հայ մշակոյթին եւ սերունդներու դաստիարակութեան նուիրաբերելէ ետք։ Գիտնական Հօր վաստակաբեկ մարմինը հանգչեցաւ միաբանական պանթէոնին մէջ, կղզեկին խաղաղ մէկ անկիւնը, այնտեղ`... ուր միաբան վաստակեցաւ Փրկչին, Մօրն Կուսին եւ Հայ ազգին ի սպաս։ Միջին դարերու մեր երանաշնորհ վարդապետները ներբողներով կամ ողբերով կը յաւերժացնէին իրենց եռամեծ ուսուցիչներուն առաքինի վարքը։ Հայր Մեսրոպ վարդապետին մասին ալ պէտք էր փառաւոր ճառ գրել` դրուատելու համար իր բոլոր արժանիքները։ Ոգեկոչումի մեր ջանքը պիտի ըլլայ շատ համեստ, յիշատակներու մշուշէն ստուերագծելով գիտնական-մանկավարժին պայծառ դէմքը։ ***

Հոգեսլաց մթնոլորտին մէջ վանքին` Հ. Մեսրոպ Վրդ. պատանեկան օրերէն ճանչցած եւ փարած էր յաւիտենական ճշմարտութեան, եւ արդէն երիտասարդ` իր հոգին զուարճացած, կամաւոր յօժարութեամբ իր անձը նուիրած էր աշխատանքի։ Օժտուած բարոյական բարձր արժանիքներով` Հ. Մեսրոպ Վրդ. յարատեւ

12


աշխատանքով զարգացուցած էր իր հոգեկան եւ իմացական կարողութիւնները։ Ան մեթոտիկ աշխատանքի մարդն էր, որ կրցաւ արդիւնաւորել կեանքը` վանական բազմատեսակ պարտաւորութիւններուն առընթեր, մանկավարժական, հրապարակագրական, քերթողական, թարգմանական, գրականագիտական եւ բանասիրական վաստակով։ Ան եղաւ յոգնասպառ աշխատութիւններու հետամուտ գիտնականը, որ կերպով մը փառասիրութիւնը գոհացուց մեծ նախաձեռնութիւններու փառահեղ իրագործումով։ Անընկճելի կամք, պարտականութեան խոր գիտակցութիւն եւ ուղղամտութիւն` կազմեցին Հ. Մեսրոպ Վրդ.ին նկարագրին ցայտուն յատկանիշները։ Իր պայծառ դէմքը` միշտ բարի ժպիտով մը շրջանակուած, կ’արտափայլէր խոհական լրջութիւնը, լաւատես կենսափիլիսոփայութիւնը եւ իրատեսութիւնը։ Գիտա-մանկավարժական հարուստ փորձ ունէր, երբ 1951 թ. Հայր Մեսրոպ Վրդ. կը ստանձնէր նոր վերաբացուած Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանին տեսչութիւնը։ Սփիւռքահայ գլխաւոր գաղթօճախներէն ուսանողներ հաւաքուած էին այնտեղ եւ օրէ օր նորեր կը հասնէին։ Ակադեմական առաջին տարեշրջանին` Մերձաւոր Արեւելքէն կային միայն հինգ ուսանողներ, որոնցմէ երեքը կարճ ժամանակ ետք վերադարձան իրենց տեղերը։ Նոյն տարուան Հոկտեմբերի 16-ին, աշնանային պայծառ օր մը, Արեւելքէն ժամանող պատանիները ներկայացան տեսչարան եւ արժանացան հայրական սիրալիր ընդունելութեան։ Տղոցմէ չորսը` «Մխիթարեան Վարժարան»ներէ կու գային. միայն մէկը ազգային վարժարանէ էր` անընտել կրօնական դաստիարակութեան։ Առաջին սրտբաց խօսակցութիւնը եւ Տեսուչ Հօր ակներեւ համեստութիւնը` պատկառանք ներշնչեցին Հ. Մեսրոպ Վրդ.ին նկատմամբ։ Այդ տպաւորութիւնը խորացաւ եւ հաստատուեցաւ յաջորդական քանի մը տարիներու ընթացքին։ Այդ օրերուն` ուսման եւ դաստիարակութեան մէջ կային խոչընդոտներ, որոնք հարթուեցան չթուլցող ճիգերով, համբերութեամբ եւ մանաւանդ` ներողամտութեամբ։ Ժամանակի թաւալումով` այլալեզու տղաքը դարձան հայախօս, ազգը ճանչնալէ ետք` հպարտացան իրենց հայրենիքով, ըմբոշխնեցին գեղեցկութեան բոլոր հրաշալիքները, եւ կարծեմ բոլորն ալ անխտիր պատուաստուեցան եւրոպական քաղաքակրթութեամբ։ Այս բոլորը կարելի էր իրագործել ոչ թէ մոգական ցպիկով, այլ միայն սերտ գործակցութեամբ, եւ Հայր Մեսրոպ իրեն աջակից ունէր նոյնքան կորովի ուսումնապետ մը` Հ. Նիկողոս Վրդ. Քեհեաեանը։ Անծանօթին համար` Վենետիկ չքնաղ երազներու քաղաքն է. գեղագէտ այցելուին համար` անվերջ թովչանքի քաղաքը, ուր մարդ կ’ապրի այլազան հրապոյրներով լոյսերու հրաշքին հոգեպարար քաղցրութիւնը։ Ադրիականի դշխոն` բաց երկինքի տակ թանգարաններու համալիրի մը

13


վերածուած, գեղապաշտ դիտողին կը պատմէ իր փառապանծ անցեալէն դրուագներ, նոր օրերու երգ-երաժշտութեամբ միաձուլուած։ Այնտեղ կարելի է բանաստեղծութիւնը տեսնել, շնչել...։ Ողջունելու համար չքնաղ Վենետիկը, առաջին Կիրակին իսկ, Հայր Մեսրոպ նորեկ տղոց առջեւ կը բանար արուեստի երփնաճոխ գանձարանը, պարզելով գոյներու մոգութիւնը, առաջին քայլէն կրթերով անոնց ճաշակը, սիրտն ու միտքը։ Արագ շրջագայութիւնը կը վերջանար Ս. Ղազարու մէջ, ուր հայ միտքի տիտանները ներկայ էին իրենց վիթխարի վաստակով, հայ արուեստը` իր ամէնէն յատկանշական նմոյշներով։ Հ. Մեսրոպ Վրդ. իր աննման պերճախօսութեամբ` աշխարհաբարի բառագանձն ալ կը ցուցադրէր միաժամանակ։ Գեղեցիկին հանդէպ իր սէրը վերածուած էր պաշտամունքի, եւ ան յաջողեցաւ իր սաներէն ոմանց ալ ներշնչել նոյն զգացումը։ Հայր Մեսրոպ Վրդ. հայ վանականութեան տիպար ներկայացուցիչն էր` Նարեկացիներու, Շնորհալիներու եւ այլ սրբակենցաղ գիտնականներու շառաւիղներէն։ Իր ստեղծագործական ուղիին մէջ` քերթողութիւնը կը կազմէ գլխաւոր հանգրուաններէն մէկը։ Ներանձնական կեանքի յոյզերով ու ոգորումներով, սլացքներով ու տագնապներով բաբախուն են Հայր Մեսրոպին բանաստեղծութիւնները։ Գեղեցիկ պատկերով մը կը բնորոշէ իր անձն ու տենչը. Ես ճառագայթ եմ փոքրիկ, լոյսի փշրանք մարմնաւոր. Ճառագայթի նըման ալ կ’ուզեմ անցնիլ սահմանէն, Դէպի չքնաղ ոլորտներն անհունութեան թեւաւոր, Ուր կը ցանկամ ես ըմպել կեանքը վճիտ ակերէն։ Մանկավարժ բանաստեղծը կը պահանջէ` Երգ ու ծաղիկ տուէք ինծի, Եւ մանուկներ մատաղերամ, Որոնց հայեացքն անվերջ ժպտի, Փայփայելով հոգիս տարտամ։ Հայր Մեսրոպ միշտ շրջապատուեցաւ մատաղ մանուկներով, պատանիներով եւ երիտասարդներով. միշտ անձանձրոյթ ուսուցանեց մեր մեծասքանչ լեզուն, նիւթի նպատակասլաց օգտագործումով` ընդլայնեց ուսանողին գրական հայեացքը, բարձրացնելով գեղագիտական որակը։ Այդ մեթոտով ան փորձեց գիրի եւ արուեստի յաւերժական գեղեցկութեան սպասարկողներ պատրաստել։ Ան մանկավարժական իր փորձը ամփոփեց Սեւան ընթերցարաններու, Գրական

14


ցոլքերու ծաղկաքաղներու եւ գրականութեան պատմութեան համառօտ ձեռնարկներու մէջ։ Թէեւ բանաստեղծութիւնններով, յօդուածներով ու հետազօտութիւններով ծանօթ անուն մըն էր, սակայն Հայր Մեսրոպ յայտնի դարձաւ 1952 թ., երբ լոյս տեսաւ Պատմութիւն արդի հայ գրականութեան առաջին հատորը։ Հայ ժողովուրդին տասնհինգ դարերու գրականութիւնը` ընդունուած գիտական պարբերացումով, կը բաժնեն երեք մեծ շրջաններու. հին եւ միջնադարեան, նոր, սովետական։ Հայր Մեսրոպ` պատմաքննական ակնարկներով կը ներկայացնէր երկրորդ շրջանը, որ ինքնին ընդգրկումի բաւական մեծ շրջագիծ մը ունի։ Գրականութեան պատմաբանը առաջին անգամ կը համադրէր հայ գրականութեան պատմագրութեան մէկ դարու աւանդները, ցոյց կու տար զարգացումի ուղիները եւ հանգրուանները, գրական-մշակութային միջավայրը կը նկարագրէր գրական փաստերով եւ բանասիրական նոր տուեալներով. կիրարկած էր ֆրանսական գրականագիտական մեթոտաբանական սկզբունքները` սիստեմաւորելով եւ հիմնաւորելով հայ գրական շարժումներու ընդհանուր ձգտումը, արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներուն գրականութեան միասնական ընթացքը։ Հայ նոր գրականութեան գիտական, լիակատար պատմութիւն գրելու Հայր Մեսրոպին ծրագիրը չամբողջացաւ դժբախտաբար. նիւթին բարդութիւնն ու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ իր բազմազբաղ պաշտօնները թոյլ չտուին գրականութեան պատմաբանին մտայղացումներուն իրագործումին։ Գրականագիտական նման աշխատութիւն մը` զարմանալիօրէն անտեսուած է Հայ նոր գրականութեան պատմութեան հինգհատորեակի հեղինակներուն կողմէ։ Հ. Մեսրոպ Վրդ.ի գրականագիտական առաջին աշխատանքը եղած է Փօլ Վալերիի մասին ուսանողական դիսերտացիա մը, ուր յաջող կերպով համադրած եւ վերլուծած է ֆրանսացի քերթողին բանաստեղծական ըմբռնումները եւ անոր հետ աղերս ունեցող եւրոպական գրական շարժումները։ Այդ ուսումնասիրութիւնը Բազմավէպին մէջ լոյս տեսնելէ ետք, վերածուած է առանձնատիպ հատորիկի մը։ Հայր Մեսրոպին գրական արտադրութիւններուն մէջ գեղեցիկ էջեր կը կազմեն գրաբար գրականութենէն` ժամանակակից աշխարհաբարի վերածուած հատուածները։ Այստեղ ափսոսանքով պէտք է յիշել, թէ Նարեկ աղօթամատեանին յաջող փորձը իր լրումին չհասաւ։ Սայաթ Նովան եւ ԺԹ. դարու հայ բանաստեղծներ իտալերէնի թարգմանելէ ետք, Ներսէս Շնորհալիի մահուան ութերորդ դարադարձին առիթով թարգմանած է իր պաշտած Սուրբին շարականները, որոնք խիստ ընտրութեամբ կատարած է թարգմանիչը։ Երկու վկայութիւններ կը բացայայտեն աշխատանքին դժուարութիւնները եւ թարգմանութեան գտած յաջողութիւնը։ Շնորհալիի

15


քնարական ստեղծագործութիւնները առաջին անգամ իտալերէն ներկայացուելուն առիթով, յառաջաբանին հեղինակը` հայագէտ Ուկոյ Ֆազոլին կը վկայէ, թէ Ներսէս Շնորհալիի տաղաչափական ցայտուն յատկանիշները ուրիշ լեզու մը փոխադրելու դժուարութիւնները մեծ մասով պայմանաւորուած էին անոր բանաստեղծութեան անբաւարար ճանաչողութեամբ։ Հ. Ճանաշեան մօտեցած է այդ դժուարին խնդրին հմտօրէն տիրապետելով ոչ միայն մայրենի լեզուին, այլեւ իտալերէնին, եւ կրցած է գլուխ բերել գործը։ Իսկ իտալագէտ Արբուն Տայեան` թարգմանութիւնը կը գտնէ նուրբ ճաշակով, բնագրին ոգիին եւ արուեստին, ինչպէս նաեւ իտալերէն լեզուի նրբութիւններուն խորագէտ մարդու ձեռնհասութեամբ։ Հ. Մեսրոպ Վրդ.ին խլած յաղթանակի դափնիներէն են մանրանկարչական այն փառակազմ եւ գեղատիպ հատորները` որոնք լոյս տեսան հայերէն, իտալերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Այդ մեծածաւալ հատորներուն մասին` մանրանկարչութեան եւ արուեստի մասնագէտ մը կը հաւաստէ, թէ ոչ միայն հայերուն` այլեւ օտարներուն համար աննախընթաց, անզուգական, կատարեալ հաւատարմութեամբ գործեր են։ ***

Թերեւս չյաջողեցանք համակողմանի գնահատել Հ. Մեսրոպ Վրդ.ին բոլոր արժանիքները։ Ան ստեղծագործական ծրագիրներով ակաղձուն` դեռ շատ նորութիւններ պիտի մատուցանէր գիտական հասարակայնութեան։ Ան շատ կը փափաքէր Երեւան այցելել, սակայն առիթի կը սպասէր..., ինչպէս կը խոստովանէր մտերմաբար։ Հայրենաբաղձ Վարդապետը` սիրտը տոչորած փակեց աչքերը...։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 19 Ապրիլ 1975, ԾԹ. տարի, թիւ 17.090

16


ԱՐՇԱԿ ԱԼՊՕՅԱՃԵԱՆԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՐԽԻՒԸ ՀԱՄԱԼՐՈՂ ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՆԻՒԹԵՐ

Ի. դարու առաջին տարիներուն Համիտեան գրաքննութեան զոհ գացած եւ ապա դիպուածով փրկուած տպագրական փորձի մը յայտնաբերուելուն առիթով` Մօ. Եդուարդ Յակոբեան կը հրապարակէր, թէ «վերջերս, Ալպօյաճեանի սաներէն ողբ. Գրիգոր Պասմաճեանի այրին` Տիկին Մարօ, մեզի կը յանձնէր իր մօտ գտնուող Ալպօյաճեանի արխիւին մաս կազմող քանի մը թղթածրարներ։ Ըստ մեզի եղած հաւաստիացումին, այդ թղթածրարները` որոնք առաւելաբար կը պարունակեն մեծ պատմաբանին կենսագրականին վերաբերեալ բազմաթիւ նիւթեր, յանձուած էին Գրիգոր Պասմաճեանին, որպէսզի այս վերջինը պատրաստէ իր վարպետին լիակատար կենսագրականը։ Այդ արխիւին գոյութիւնը մենք տեղեկացուցինք առ որ անկ է։ Մինչ այդ, խնդրեցինք բանասէր Պր. Տիգրան Գէորգեանէն, որ պատրաստէ այդ թղթածրարներուն պարունակութեան ցուցակագրութիւնը»1։ Այս հրապարակումէն ճիշտ երկու տարի առաջ, դարձեալ նոյն շաբաթաթերթին մէջ, հրապարակագիր Հայկ Ժամկոչեան հարցադրելէ ետք, թէ «ուրկէ՞ կը ճարէր Պասմաճեան այս աղբիւրները», որպէս իրազեկ կը պատասխանէր` թէ «Ալպօյաճեան, երբ ողջ էր, Պասմաճեանին տրամադրած էր գրեթէ իր ամբողջ արշիւը, նաեւ ձեռագիրներ եւ նամակներ` հազարաւոր հին կամ նահատակուած մտաւորականներէ։ 1963-ին, Ա. Գարտաշեանի գլխաւորութեամբ (եւ կտակակատարութեամբ) մեր կազմած Յանձնախումբը – որուն անդամ էր նաեւ Գր. Պասմաճեան – յաջողեցաւ Հայաստան ղրկել Ա. Ալպօյաճեանի արժէքաւոր գիրքերու քսաներկու սնտուկները եւ ամբողջ արշիւը։ Ինչ որ մնաց հոս` տրամադրուեցաւ Գր. Պասմաճեանին, որ զանոնք օգտագործելէ ետք կը ղրկէր Հայաստանի թանգարանը, հետզհետէ»2։ Թուականէս տասնամեակ մը առաջ, նոյնինքն Գրիգոր Պասմաճեան արդէն յայտնած էր` թէ «հանգուցեալ մեծանուն բանասէր ու պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեան, իր ողջութեան, մեզի յանձնած էր, շարք մը ձեռագիրներու կարգին, տրցակ մը անտիպ նամակներ...։ Ան, իր ողջութեան, մեզի յանձնելով այս անտիպ ու խիստ թանկագին նշխարները` մեզ առաջարկած էր զանոնք օր մը հրապարակել ու կորուստէ փրկել»3։ Մեզմէ խնդրուած աշխատութիւնը իր ատենին կատարելով, այսօր` Արշակ Ալպօյաճեանի մահուան տասնհինգերորդ տարելիցին առիթով, զայն կը

17


ներկայացնենք շահագրգռուողներու ուշադրութեան։ «Բազմահմուտն» եւ «բազմավաստակն» Արշակ Ալպօյաճեանի` ինչպէս բնորոշած է Աճառեան, գիտական արխիւը կազմուած է տասնամեակներու ընթացքին եւ կ’ընդգրկէ անոր բեղուն գործունէութիւնը արտացոլող հարուստ նիւթեր, որոնց մեծագոյն մասը` բարեբախտարար, կը գտնուի Հայկ. ՍՍՀ Մինիստրներու Սովետին առընթեր Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու ինստիտուտի (Մատենադարան) արխիւային բաժինը։ Ալպօյաճեանի արխիւին մաս կազմած նորայայտ նիւթերը` առաւելաբար պատմա-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ են, աշխատանքային նոթեր, հայ պատմագիրներէ արտագրութիւններ, մշակոյթի ժամանակակից գործիչներու մասին յիշողութիւններ, օրագրութիւններ, անձնական գործեր, մեծ քանակութեամբ` օգտագործուած եւ օգտագործելի ատաղձ, նշումներ, եւ այլն։ Հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը պարունակեն` մասնաւորաբար, Ալպօյաճեանի ստացած նամակներուն մէկ մասը, ինչպէս նաեւ անոր գրած նամակներուն պատճէններն ու սեւագրութիւնները։ Մինչեւ Մատենադարանին փորձառու գիտաշխատողներուն կողմէ վերջնական մշակումի ենթարկուիլը, մեզի տրամադրուած նիւթերը խմբաւորեցինք պարունակութեան համաձայն, հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ անոնցմէ քաղուածքներ ալ կատարելով։ Ա. – Ա. Ա.Ի ԻՆՔՆԱԳԻՐ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 1. Երկու Խորէնները (Աշըգեան եւ Նարպէյ սրբազաններուն մասին ակնարկ)։ Ձեռագիր, 2 էջ։ 2. Անհետացող դէմքեր. Կարապետ Ս. Իւթիւճեան։ Մեքենագիր, 22 էջ։ 3. Պատմական դէմքեր. Թէոդորոս Ռշտունի։ Ձեռագիր, 71 էջ։ 4. Ընդհանուր պատմութիւն, Լուի ԺԶ.- Լուի Ֆիլիփի շրջան։ (Նախակրթարանի Զ. դասարանի համար պատրաստուած ձեռագիր նոթեր), 45 էջ։

Բ. – Ա. Ա.Ի ԱՇԽԱՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԿԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Պոնտական Ամասիոյ հեղինակ Գաբրիէլ Յ. Սիմոնեանէ նամակ` ուղղուած Տիար Հայկ Ժամկոչեանի.

Նիկոսիա, 29 Օգոստոս 1962 Ամասիոյ պատմութեան համար ղրկած է Ամասիոյ Գաւազանագրքին 14րդ դարէն մինչեւ 1675 թուականը. առաջին մասը։ 2. Յովհաննէս Տէր Պետրոսեանի անթուակիր նամակը` ուղղուած Ա. Ա.ի Կտակակատար Յանձնախումբի յարգելի անդամներուն.

18


... վերջին քանի մը տարիներուն, հանգուցեալին հետ կ’աշխատակցէի «Ղեւոնդ պատմագիր»ի եւ «Հայ ազատագրական շարժում»ի ուսումնասիրութիւններու վրայ, եւ սակայն դժբախտաբար վարպետին մահը շուտ վրայ հասաւ եւ այդ աշխատութիւնները ուրիշ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու նման մնացին անաւարտ։ Տխուր այս պայմաններու տակ թէեւ հոգիս բեկենակ է, սակայն աշխատելու եռանդը դեռ կը մնայ վառ եւ այսօր պարտականութիւն կը սեպեմ ինքզինքիս այդ աշխատութիւններու շարունակութիւնը կատարել առանձին...։ 3. Նոյն անձը` այլուր, պարտք նկատած է խոստովանելու` թէ ... մենք անվհատ աշխատանքով ի վերջոյ գլուխ կրցանք հանել սոյն ուսումնասիրութիւնը, հակառակ անոր որ այստեղ ամփոփուած նիւթերը մէկ մասը կը կազմեն «Հայ Դատ»ի նուիրուած ուսումնասիրութեան մը, զոր իմ հանգուցեալ վարպետիս` Արշակ Ալպօյաճեանի հետ իմ համեստ մասնակցութիւնս կը բերէի4։ Գ. – ՆԻՒԹԵՐ... 1. Հայոց հարցին վերաբացումին վերաբերեալ։ Կարեւոր վաւերաթուղթերու (ֆրանսերէն եւ հայերէն) մեքենագիր պատճէններ, 210 էջ։ Այս մասին տեսնել` Մատենադարան, «Ցուցակ 85ա», թղթ. նո 5, վաւ. նո 11, 90-11, 106։ 2. Հայ վանքերու պատմութեան մասին։ Օգտագործուած ատաղձ, զանազան մեծութեամբ ձեռագրեր։ 3. Հայ տպագրութեան պատմութեան մասին։ Ձեռագիր, տպագիր, լուսապատճէններ։ 4. Հնդկահայ գաղութին պատմութեան համար։ Արտագրութիւններ եւ նոթեր. անկանոն վիճակի մէջ զանազան մեծութեամբ ձեռագրեր։ 5. Կալաթա Սարայի Սուլթանի վարժարանին հայ ուսուցիչները (1918)։ Կալաթա Սարայի հայ շրջանաւարտները, տնօրէնները։ Ձեռագիր, 7 էջ։

Դ. – ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 1. Անցեալի յիշատակներ, 1900 Մայիս 3/16, Գում-Գաբու։ Ձեռագիր, 14 էջ։ 2. Տետր II (1904), Արշակ Ա. Ալպօյաճեանի կը պատկանի, 1904 Օգոս. 10 Ն.տ., Գում-Գաբու։ (Ա. Ա.ի օրագրութիւնը` 16-18 Յուլիս 1904- Դեկ. 31/13 Յունվար 1905 թ.), 37 էջ։

Յուլիս 20/2 Օգոս. 1904 Գշ. Այսօր Չորլուէն Թէքիրտաղ անցայ։ Հոս ալ բաւական աղէկ օրեր անցուցինք մինչեւ Ուրբաթ...։ Այս անգամ յաջողեցայ նաեւ բաւական յիշատակարաններ եւ պէրաթներ եւս

19


ընդօրինակել եւ աչքէ անցնել։ 3. Սկզբնագիրը գրուած է Բետուլա, 1950-ի Սեպտ. 22-ի առաւօտ, շատ հապճեպ եւ նոթի ձեւով։ Վերամշակուած Հոկտ. 18-ի առտուն, ժամ 3-4, հանդարտութեան մէջ եւ խորհրդածելով։ Ա. Ա. Ա. ... ունէի դպրոցական ընկերներ, որոնց մէջ առաջինն եւ գլխաւորն էր Արշակ Ֆորթունաթօ կամ Տէվլէթեան, որ հիմա Բարիզ է։ ... ես կ’ուզեմ շրջապատ, շրջանակ, զբօսանք միտքի։ 4. Անձեր եւ Անցքեր։ Ա. 1887-1894 տարիներու յիշողութիւններս։ Մեքենագիր 8 էջ։ (Ա. Ա.ի ձեռագրով` Յուլիս 26, 61)։ Սկիւտար ուր բացած եմ աչքերս եւ ապրած 1879-1894 տարիներուն` Կ. Պոլսոյ թաղերուն մէջ առանձնայատուկ տեղ մը ունէր, եւ այդ թուականներուն փայլուն վիճակ մը...։ Սկիւտար ոչ նուազ առանձնայատուկ նկարագիր ունեցող թաղ մը եղած էր որ կը պարծենար Կ. Պոլսոյ գաղութին ընծայած ըլլալուն արժէքաւոր անհատներ։ Սկիւտարի հայութիւնը կը ներկայացնէր Կ. Պոլսոյ հայոց ծաղիկը եւ սկիւտարցիք հպարտ էին իրենց բարեկարգ եւ բարգաւաճ լեցուն աշակերտ ունեցող դպրոցներով։ ... Պէրպէրեանի մէջ անցուցած եմ դպրոցականութեան առաջին շրջանս, 1887էն 1895։ Սկիւտար բացառիկ ներդաշնակութիւն կը ներկայացնէր պոլսական թաղերուն մէջ։ Լրջութեան խոր եւ շատ վէճեր չկային։ Ե. – ՆԱՄԱԿԱՆԻ 1. Թէոդիկի յիսուն նամակները` ուղղուած Ա. Ա.ի (Նիկոսիա-Փարիզ, 19251928 թթ.)։ 2. Ա. Ա.ի քսան նամակները` կնոջը եւ տղուն (Երուսաղէմ-Պէյրութ-ԶահլէԴամասկոս-Հալէպ-Պիթիաս-Սօուգ Օլուգ-Պիլպէս շոգենաւ, 25 Յուլիս-30 Օգոստոս 1932)։ Երուսաղէմ, 2 Օգոստոս 1932, Գշ. Սիրելի զաւակս Սիմոն,... 1700 ձեռագիրի յիշատակարան տեսեր եւ ընդօրինակեր եմ մինչեւ այսօր եօթը օրուան մէջ։ 3. Սեպուհ Շալճեան – Ա. Ա. գործակցութեան նամակներ։ 4. Հայկ Ժամկոչեան – Ա. Ա. մտերմական նամակներ։ 5. Վահան Մալէզեանի նամակները` Ա. Ա.ին։ Նիս, 31 Օգոստոս 1959 Սիրելի բարեկամս Ա. Ալպօյաճեան,

20


... Գալով ձեր խնդրանքին որ ջանամ ձեռք բերել Վահան Թէքէեանի մասին ձեր պատրաստած հատորը, զոր Շաւարշ Սեւյօնքեան կը պահէ եւ կը մերժէ վերադարձնել Յանձնախումբին...։ Այդ ձեռագիրը ձեր սեփականութիւնն է եւ կրնաք խստօրէն պահանջել իրմէ, ի հարկին կուսակցութեան Կեդր. Վարչութեան ճնշումովը կամ փաստաբանի մը պահանջումովը։ Ա. Ա.ի հրատարակելի երկասիրութիւններու թ. 15ը` Վահան Թէքէեանի հանրային գործունէութիւնը աշխատութիւնն է, որուն համար հեղինակը բաւական մտահոգուած կը թուի, այդ առընչութեամբ` 29 Նոյեմբեր 1958 թուակիր նամակով, Ա. Ա. կը հարցնէ գահիրէաբնակ իր բարեկամներէն մէկուն. Պր. Էօժէն Բաբազեան ոեւէ տեղեկութիւն տուա՞ւ Վահան Թէքէեանի կենսագրութեան ձեռագրին համար5։ 6. Տ. վ. Պալեանէն նամակ մը (ստորագրութիւնը դժուար ընթեռնելի է). շաբաթ, 16-29 Յունիս 1912, Կ. Պօլիս, Ազնիւ Արշակ էֆ. Ալպօյաճեան, ... Տպագրութիւնը Պարսկաստանի մէջ զարգացած չէ եւ զարգանալու ալ յոյս չկայ։ Պարսիկները նուրբ ճաշակ ունին վայելուչ ձեւերով գիրքեր կը սիրեն ուրեմն եւ իրենց հեղինակները կ’ուզեն կարդալ ընտիր վայելչագրութեամբ կամ վիմագրութեամբ։ Ասոր համար նոյն իսկ այսօր ալ կանոնաւոր տպարան մը չկայ Թէհրանի մէջ եւ տնտեսապէս չի կրնար ապրիլ. վիմագրութիւնը թէ աւելի աժան է եւ թէ աւելի մատչելի ժողովուրդի պահանջին եւ ճաշակին։ ... Առաջին տպարանի պատմութիւնը պէտք է փնտռել Պարսկաստանէն դուրս գուցէ յԵւրոպա կամ ի Տաճկաստան։ Սաֆավի հարստութեան վերջերը Նոր Ջուղայի մէջ տեղական ձուլուած հայ տառերով քանի հատոր կրօնական գիրքեր են տպուեր ասոնց նմոյշներ տեսած եմ ի Նոր Ջուղա։ Օհան վարդապետ մըն ալ Արաբերէն եւ Պարսկերէն քանի մը Աստուածաբանական գրքոյկներ ունի, գուցէ վիմատիպ Նոր Ջուղաէն Նատէր շահի օրօք. ասոնք չեմ տեսած...։ 7. Գ. Պ.ի նամակը Եւդոկիոյ Հայ Կրթասիրաց Միութեան։ Գահիրէ, 11 Յուլիս 1962, ... Տօքթ. (Ե.) Հերեան, ... Կտակակատար նշանակած է իր աշակերտներէն Պ. Արտաշէս Գարտաշեան, իր կնոջ քոյրը եւ հօրենական ազգական մը որ Գահիրէ կը բնակի։ Սակայն գլխաւոր կտակակատարը Առաջինն է։ 8. Գ. Պ. իր վերոյիշեալ աշխատութեան «Երկու խօսք»ին մէջ կը խոստովանէր

21


նաեւ` թէ «մեզ մօտ կը մնան տակաւին Եւդոկիայէն, Պրուսայէն, Այնթապէն, Գոնիայէն, Սամսոնէն, Տրապիզոնէն եւ Տարսոնէն գրուած նամակներ, որոնք, մօտիկ ապագային ու պատեհ առիթի մը նոյնպէս հրատարակութեան պիտի տանք»։ Յիշեալ եօթը նամակներուն արժէքը բացայայտելու մտադրութեամբ` կ’ուզենք մէջբերել հետեւեալ կարծիքը. [Ի]նչպէս Տպագրութեան արուեստը եւ հայք արժէքաւոր ուսումնասիրութեան, այնպէս էլ արեւմտահայ գաւառներից ստացուած այս նամակների գոյութիւնը բազմավաստակ պատմաբան եւ բանասէր Արշակ Ալպօյաճեանի գրչի ու ջանասիրութեան երախտիքն են։ Դրանց հրատարակութիւնը կարեւոր ներդրում կը լինի հայ մշակոյթի եւ, մասնաւորապէս, մեր տպագրութեան պատմութեան յետագայ ուսումնասիրութեան գործում6։ Զ. – ՏԱՐԲԵՐ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Է. Աբրահամ, Պատմութիւն սկզբնաւորման եւ շինման Խասգիւղ եկեղեցւոյն, գրեցաւ գիրս ձեռամբ քով նոտար յօհաննէսեան Աբրահամ Դպիր ’ի Խասգիւղի դպրատան։ Ձեռագիր, 8 էջ։ 2. Հայ Վանօրայք Մաս առ մաս պիտի հրատարակենք Կեսարիոյ Առաջնորդ Գերապատիւ Տ. Տրդատ եպ. Պալեանի մէկ ընդարձակ աշխատասիրութեան ամփոփումը իր կողմանէ պատրաստուած, որ կը կարծենք թէ բաւական լիակատար գաղափար մը կու տայ վանքերու վիճակին վրայ։ Ձեռագիր, 37 չհամարակալուած էջ, 10 լուսանկար։ 3. Սերովբէ Պետրոսեան, Ծննդաբանութիւն Պերոզի, Զատայի եւ Տատի տան, ֆրանս. թրգմ. Է. Բրիւտհոմ, Փարիզ, 1869։ Ֆրանսերէնէ հայ թրգմ. Քերովբէ Կոստանդեան, Գահիրէ, 1958։ Մեքենագիր, էջ 2-11։ 4. (Ագգային գործիչ Տէր Մաշտոց քհյ.ի կեանքին մանրամասնութիւնները` գրի առնուած «ամենամտերիմ բարեկամ»ին կողմէ)։ Ձեռագիր, 123 էջ։ Կը պակսին` 1, 3, 4, 7 էջերը. գէշ վիճակի մէջ` էջ 2։ Տարակոյս չկայ թէ Տէր Մաշտոցի կեանքը նուիրուած է յօգուտ իր հայրենակիցներուն, եւ այս պատճառաւ իսկ նա կատարելապէս իրաւունք ունի Ազգային Գործիչ ճշմարիտ անուան (էջ 119)։

5. Մելքոն Ասատուր (Հմայեակ Ուղուրլեան), Կախաղանն ու եաթաղանը Թուրքիոյ հայաբնակ ու արաբախօս նահանգներուն մէջ, 1915-1918։ Ձեռագիր հեղինակին, 330 էջ։

22


6. Իրազեկ, Լոնտոնաբնակ Բրօֆեսէօր Տիար Կ. Յակոբեան, Լոնտոն, 23 Նոյ. 1920։ Ձեռագիր, 355 էջ։ Հրապարակագիր անգլերէն եւ հայերէն լեզուամբ Հայաստանի եւ հայութեան վերաբերեալ գործոց։ Կազմիչ եւ քարտուղար լոնտոնաբնակ տանտէր հայոց երիցագոյն Յանձնաժողովին յամին 1876, հիմնադիր-նախագահ Հայ Հայրենասիրաց Ընկերակցութեան յամին 1885, դեր-նախագահ Անկլօ-հայ Ընկերակցութեան, անդամ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Արքունի Ասիական Ընկերութեան, դասատու արեւելեան լեզուաց ընդ որս օսմաներէն, արաբերէն եւ պարսկերէն, Ասպետ Պարսկաստանի Առիւծ եւ Արեգակ պատուանշանին եւ պաշտպանողական անդամ հայանպաստ երկու անգլիական յանձնաժողովներու ընդ որս Մըսըզ Մատելին Քօլի Գանձանակին հաստատեալ յամին 1895 ապրիլին եւ Միս Ռօպինսընի Հայ Կարմիր Խաչի հաստատեալ 1915-ին (էջ 1)։ Տիար Յակոբեանի 1882-ին եւ անկէ ի վեր Թայմզ թերթի միջոցաւ Եւրոպիոյ քաղաքականութեան առջեւ դրած խնդիրը ոչ թէ լոկ հայկական գաւառներու մէջ թիւրք պաշտօնէութեան կողմէ մտցուելիք բարենորոգումներու խնդիրը եղած է` Բ. Դռան եւ Եւրոպիոյ միջեւ Հայաստանի կացութեան եւ ամբողջ հայ ազգին պաշտպանութեան խնդիրն եղած է, որուն ինք «Հայկական խնդիր» անունը ընծայած է։ Թիւրքերը ընդունած չեն «Հայաստան» անունը, ոչ ալ պէտք տեսած են «հայերը» պաշտպանելու Պերլինի դաշինքը ստորագրող պետութեանց հսկողութեան տակ։ Բացատրութեան պէտք չկայ թէ իրենց արժանապատուութիւնը գիտցող տէրութիւններ պիտի չհսկէին «բարենորոգումներ»ու գործադրութեանց, որոնց իրենք նախապէս հաւանութիւն տուած չէին։ Տարիներ անցան եւ որովհետեւ Անգղիան դարերէ ի վեր պաշտպանած է Թիւրքիան, պայմանաւ որ իւր կառավարութիւնը բարեկարգէ, Տիար Յակոբեան թէ այդ հիման վրայ եւ թէ հայերը իւր բոլոր ուժովը եւ ազդեցութեամբը պաշտպանելու եւ անոնց համար Բ. Դռան մօտ բարեխօս լինելու պատրաստ գտնուելուն համար, շարունակ դիմումներ ըրած է, թերթերու մէջ գրած է եւ ժողովներու մէջ խօսած է։ Սակայն տեսնելով Բ. Դռան անկարողութիւնը կամ դժկամութիւնը` հասկցուցած է հարկ եղած տեղը, որ առանց հայաբնակ գաւառներու մէջ օտար կարգապահական ոյժի եւ դրամի` հայոց համար ոչ պաշտպանութիւն կարելի է եւ ոչ ապահովութիւն։ Եւ երրորդ` Տիար Յակոբեան պնդած է, որ անկարելի է ժողովուրդի մը օգնել ու զայն պաշտպանել առանց անոր տուն, տեղ կամ բնակելու վայր մը հայթայթելու եւ թէ հայերը ունին այդ վայրը կամ երկիրը որու անունն է «Հայաստան» (էջ 353-354)։ Բարեկարգ ազգ մը միայն կրնայ փտտած, բորոտած, բարբարոս դարձած ցեղերը կամ հասարակութիւնները զսպել եւ անոնց մահու եւ ոչնչութեան դատապարտած ազգը, որ քառասուն-յիսուն տարիէ ի վեր քրիստոնեայ եւ քաղաքակրթեալ աշխարհի օգնութիւնը բարձր աղաղակով խնդրեց, կրնայ վերականգնուիլ (էջ 354-355)։

23


Հայ ազգի դառն ողբերգութենէն յետոյ, այսօր նաեւ Հայաստանը սեւ ամպերով ծածկուած է. բայց այդ ամպերուն մէջ տեղէ լուսոյ շառաւիղ մը կը տեսնուի։ Աղօթեմք եւ յուսամք որ այդ շառաւիղը ընդարձակուի, ամպերը փարատէ եւ ամբողջ երկինքը լուսաւորէ (էջ 355)։ 7. Սուքիաս Վրդ. Պարոնեան, Ինքնակենսագրութիւն, էջ 1-2։ Շար` Սուքիաս Վ.ի մտերիմ Տիրան Նազարեանէ, էջ 2-3։ Վերջին շար` Ա. Ալպօյաճեանէ, էջ 3-8։ 8. Վարդան Եպս. Գասպարեան, Պրուսայի թեմին մէջ իմ պաշտօնավարութիւնը. 1903-1912։ Կցուած է յօդուածագրին նամակը` Լօս Անճելըս, 18 Սեպ. 1946։ Ձեռագիր, 9 էջ։

Է. – ԱՐՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Հաւաքումն պատմութեան Վարդանայ Վարդապետի լուսաբանեալ, ի Վենետիկ, ի Սուրբ Ղազար, 1862։ Արտագրուած հատուածներ, 35 էջ։ 2. Սամուէլի քահանայի Անեցւոյ հաւաքմունք ի գրոց պատմագրաց յաղագս գիւտի ժամանակաց անցելոց մինչեւ ի ներկայս, ծայրաքաղ արարեալ, յառաջաբանով, համեմատութեամբ, յաւելուածներով եւ ծանօթութիւններով Արշակ Տէր Միքելեանի, Վաղարշապատ, Ս. Էջմիածնի տպարան, 1893։ Արտագրուած հատուածներ, 40 էջ։ 3. Յ. Թ. Հինդլեան, «Պատմութիւն ուսուցանելու մեթոտը», Բիւզանդիոն, ԺԳ. տարի, թիւ 3811/2, 1909 Ապրիլ 13/26 եւ 14/27։ Մեքենագիր, 6 էջ։

Ը. – ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ, ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1. Affaire de Mr. A. Alboyadjian contre le Patriarcat Arménien, ստացուած եւ առաքուած նամակներ. իրաւաբանական խորհրդակցութիւն – Consultation juridique։ 2. Ա. Ա.ի յոբելեանին առընչութեամբ ատենագրութիւն, թղթակցութիւն, եւ այլ նիւթեր։ 3. Ա. Ա.ի յոբելեանին առիթով հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներու կտրօններ։ 4. Ա. Ա.ի մահուան առիթով լոյս տեսած յօդուածներու կտրօններ։ 5. Տպարանական գործակցութեան պայմանագրութիւն։ 6. Պատմութիւն հայ դպրոցի Ա. հատորի տպագրութեան պայմանագրութիւն։ Թ. – ԶԱՆԱԶԱՆՔ 1. Գեղօն, Կ. Պոլիս, 1900, Ա. մաս, 386 էջ. Բ. մաս, 478 էջ։ 2. Պարբերական մամուլի (Ազգ, Արեւ, Արեւելեան մամուլ, Ժողովուրդի ձայն, Վերջին լուր) աշխատակցութեան ցանկեր։

24


3. Նմոյշներ հայ պարբերական մամուլէն։ 4. Թէոդիկ, Տիպ ու տառ, Կոստանդնուպօլիս, ՌՅԿԱ։ «Գրչի պատուական եղբօրս` Տիար Սուրէն Պարթեւեանի, համակրուբ. Թէոդիկ»։ Կնքադրոշմ` «Յովհ. Աղմամեան – H. AGHMAMIAN»։ 5. Թորգոմ պտք. Գուշակեան. լուսանկարի 2 նեկաթիւ։ 6. Ա. Ա.ի լուսանկարը (իր ձեռագրով` 1952 Դեկտ. 10)։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 27 Յունիս 1977, 63-րդ տարի, թիւ 17.720 28 Յունիս 1977, 63-րդ տարի, թիւ 17.721 29 Յունիս 1977, 63-րդ տարի, թիւ 17.722

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Մօ. Եդուարդ Յակոբեան, «Արշակ Ալպօյաճեանի երաժշտական անդրանիկ յօդուածը», Ջահակիր, 24 Յուլիս 1975, էջ 4, ծանօթագրութիւն թիւ 2։ 2. Հայկ Ժամկոչեան, «Երիտասարդ բանասէրը եւ քաղաքացին», Ջահակիր, 12 Յուլիս 1973, էջ 3։ 3. Գր. Պասմաճեան, «Անտիպ նիւթեր հայկ. տպագրութեան պատմութեան վերաբերեալ», Գահիրէ, 1967, «Երկու խօսք»։ 4. Յովհ. Տէր Պետրոսեան, Ճէյմս Պրայս եւ հայերը, Արեւի թերթօն, Գահիրէ, 1975, էջ 5։ 5. Մեսրոպ Կ. Գույումճեան, «Յիսուն տարի սփիւռքի մէջ. յուշեր եւ յիշատակներ», Գահիրէ, 1972, էջ 188։ 6. Մ. Բաբլոյեան, «Նիւթեր հայկական տպագրութեան պատմութեան վերաբերեալ (Ա. Ալպօյաճեանի Տպագրութեան արուեստը եւ հայք աշխատութիւնը)», Պատմա-Բանասիրական հանդէս, 1974, թիւ 4, էջ 244։ Նոյնը` «Անտիպ նիւթեր հայկական տպագրութեան պատմութեան վերաբերեալ», Արեւ, 31 Դեկտեմբեր 1976, էջ 3. արտատպուած` Գեղարդ տարեգիրքէն։

25


ՀԱՄԱՏԵՂ ՋԱՆՔԵՐՈՎ...

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՆՇԱՐԺ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յատկապէս 1960-ական թուականներուն, երբ յաջորդական զբօսաշրջիկային խումբեր` Հայաստանէն Եգիպտոս գալու առիթ կ’ունենային, եգիպտական փառաւոր մշակութային կոթողները հիասքանչ դիտելէ ետք, զբօսաշրջիկներէն ոմանք` անպայման ժամանակ կը ստեղծէին հայկական գերեզմաննոցներն ալ այցելելու...։ Այդ այցելութիւններէն մէկ քանիին` ես ալ ընկերակից ըլլալուս, կը յիշեմ, թէ ի՜նչ երկիւղածութեամբ հայրենի զբօսաշրջիկները կը շրջէին շիրիմէ շիրիմ, խոր հետաքրքրութեամբ կը կարդային կամ կը վերծանէին արձանագրութիւնները, երբեմն կ’արձանագրէին կամ կը լուսանկարէին զանոնք։ Նման առիթներու, անոնք յաճախ փափաք կը յայտնէին, որ համառօտ ուղեցոյց մը պատրաստուի ազգային գերեզմաննոցներու եւ հանրային հաստատութիւններու մասին` ընդհանրապէս։ Պատմական անցեալով բովանդակալից, եգիպտահայ հոգեւոր-մշակութային անշարժ ժառանգութեան մասին` հայրենի մեր հարազատներուն ցուցաբերած իւրովի հոգածութենէն խթանուած, խմբագիր բարեկամիս հետ` պահ մը մտածելէ ետք, խուսաբած ենք ձեռներէցութիւն դրսեւորելէ, որովհետեւ դարուն այդ շրջանին, տակաւին հնարաւոր չէր նիւթական անհրաժեշտ միջոցներ հայթայթելը...։

26


Անցնող տասնամեակին, հայրենի պատմավիպասան Սերօ Խանզադեան` երբ 1986-ի ձմեռը Եգիպտոս հրաւիրուած էր, Նուպարեան Ազգային Վարժարան այցելութեան` նկատեց Վարժարանի մուտքին պրոնզաձոյլ ուշագրաւ յիշատակարանը. փափաք յայտնեց ատոր օրինակութիւնը ունենալ։ Փութով իրեն յանձնուեցան Վարժարանին երեք բաժիններուն յիշատակարաններուն արձանագրութիւնները։ Երիտասարդ տարիքէն, Խանզադեան ջանադիր հաւաքող մը եղած էր` մասնաւորաբար, իր ծննդավայրին վիմագիր արձանագրութիւններուն։ Յիշուած տեղեկութիւնները, Տեղեկատուի բանիմաց ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնուին` ՀՀ Պատմութեան եւ Մշակոյթի Յուշարձաններու Պահպանութեան Վարչութեան կոչին առիթով։ Յուշարձաններու Պահպանութեան Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Մէկ Ազգ Մէկ Մշակոյթ փառատօնի ընթացքին, տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողով մը` նուիրուած սփիւռքի պատմամշակութային անշարժ ժառանգութեան ուսումնասիրութեան եւ պահպանումին։ Գիտաժողովին գլխաւոր նպատակն է, համատեղ ոյժերով վաւերագրել, ուսումնասիրել, պահպանել` սփիւռքի տարածքին գտնուող հոգեւոր-մշակութային փայտեայ կամ մետաղեայ մասունքները, որոնց վրայ կրնան հայերէն

27


լեզուով արձանագրութիւններ գտնուիլ, եւ առաւելաբար, պատմամշակութային անշարժ ժառանգութեան նմոյշները` ինչպէս վիմագիր արձանագրութիւնները եւ որմնանկարները։ Այս վսեմ ձեռնարկին` գիտաժողովի աշխատանքներուն, հաւանաբար եգիպտահայերէն մասնակցող չըլլայ, բայց կարելի է գործօն մասնակցութիւն բերել, եթէ բոլորովին եռանդագին ջանքերը միացուին, որովհետեւ` տակաւին նման հարցերով հետաքրքրուող եւ մտահոգ անձեր կը գտնուին գաղութին բաղկացուցիչ անդամներուն մէջ...։ Որպէս առաջին աշխատանք` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ երեք յարանուանութիւնները կազմող համայնքներուն բոլոր վկայացոյցները պէտք է խնամքով

28


հաշուառել, ցուցակագրել, վկայագրել, կազմելու համար ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՎԻՄԱԳԻՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԻՒԱՆը, որպէսզի յետագային մաս կազմէ բոլոր գաղութներու վիմագիր արձանագրութիւններու CORPUS-ին, եւ այդ միջոցով ալ մատչելի դառնայ հետազօտողին։ Արդէն ոմանց մօտ, այս մեծ ձեռնարկին իրագործումին համար ցուցաբերուած հոգածութիւնը նկատառելի է, կը մնայ միայն ձեռներէցութիւն ցուցաբերել։ Տեղեկատուի կողմէ ներկայացուած այս առաջարկը արձագանգ գտնելու պարագային, պիտի առաջարկուի մանրամասնեալ ծրագիր մը` հիմ ունենալով մեր գաղութին երջանկայիշատակ առաջնորդներէն` Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանի կատարած նախանձայոյզ աշխատանքը։ Ըսողներ կան, թէ եգիպտահայերու փառաւոր անցեալին լուռ վկաները` թողլքուած շիրիմներն են, եւ թէ անոնց մասին կարելի է իրազեկ դառնալ` միայն հայկական գերեզմաննոցները այցելելով...։ Այս հաստատումը` թէեւ ճշմարտութեան մեծ բաժին մը կը պարփակէ, սակայն, կարելի է` սթափ մտածելակերպով եւ գործելակերպով, ցոյց տալ` թէ գաղութին դիմագիծ ապահոված անձերուն աշխատանքը կը շարունակուի նորովի, եւ համատեղ ջանքերով...։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Ապրիլ 1999, նոր շրջան, թիւ 11, էջ 1-2

29


ԱԿԱԴԵՄԻԿՈՍ ԳՐԻԳՈՐ ԽԱՆՋԵԱՆ 1926-2000

ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Գրիգոր Սեպուհի Խանջեան` իր արդիւնաշատ կեանքը փակեց անցնող Ապրիլի 19-ին, Երեւանի մէջ։ Խանջեան Գրիգոր բնիկ երեւանցի էր. ծնած էր 1926 թ. Նոյեմբերի 29-ին։ Արուեստի մարզին մէջ ստացած էր հիմնական պատրաստութիւն. 1945 թ. աւարտած էր Փ. Թերլեմէզեանի անուան գեղարուեստական ուսումնարանը. ապա` 1951 թ. Գեղարուեստական Ինստիտուտը։ Անոր ստեղծագործական հետաքրքրութիւնները` հաւասարապէս արտայայտուած են գեղանկարչութեան եւ կրաֆիքի բնագաւառներուն մէջ. ստեղծագործած է թեմաթիք պատկերներ, դիմանկարներ, բնանկարներ եւ նաթիւրմորթեր։ Խանջեանի արուեստին առանձնայատկութիւններէն է` պատկերուող երեւոյթներուն ազգային էութեան շեշտումը. ան կը սիրէ երեւոյթին բազմապլան մեկնաբանումները` որոնց դրսեւորումին համար մեծ հնարաւորութիւններ ստեղծած է կրաֆիքը։ Անոր արուեստին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է գիրքի ձեւաւորումն ու նկարազարդումը, այդ հատորները արժանացած են բարձր պարգեւներու, ինչպէս` Յ. Թումանեանի Լոռեցի Սաքոն, 1956 թ., Խ. Աբովեանի Վէրք Հայաստանին, 1959 թ., Պ. Սեւակի Անլռելի զանգակատունը, 1963-1965 թթ., Յ. Շիրազի Սիամանթօ եւ Խջեզարէն, 1978-1981 թթ.։ Այդ բարձրարուեստ նկարազարդումները կանխորոշած են ժամանակակից հայկական գիրքի կրաֆիքի զարգացումին ուղիները եւ գրահրատարակչութիւններու գեղարուեստական ձեւաւորումի բնոյթը։ Գրիգոր Խանջեանի նախապատկերներուն վրայ իրագործուած են` 1980-1981 թթ., Հայոց այբուբենը, եւ Վարդանանք կոպըլէնները, որոնք զետեղուած են Ս. Էջմիածնի Վեհարանի հանդիսասրահին մէջ։ Դարձեալ իր նախապատկերին վրայ պատրաստուած է Մարզահամերգային Դահլիճին Վերածնունդ վարագոյր-կոպըլէնը։ Անհատական ցուցահանդէսներէ զատ, մասնակցած է հանրապետական, միութենական եւ միջազգային ցուցահանդէսներու։ Խանջեան` ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս էր, ինչպէս նաեւ ռուսական գեղարուեստից ակադեմիայի պատուաւոր անդամ։ Ան երկար տարիներ մաս կազմած է նաեւ Ս. Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին եւ Ճարտարապետական Խորհուրդին։

30


Կարելի է ըսել` թէ Գրիգոր Խանջեանով կը փակուի ժամանակակից ոսկեդարու շրջանը...։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Յուլիս 2000, նոր շրջան, թիւ 16, էջ 8

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ Հայկական Սովետական հանրագիտարան, Երևան, 1979, հատոր 5, էջ 14։ Հայկական համառոտ հանրագիտարան, Երևան, 1995, հատոր 2, էջ 479-480։

31


CARZOU

ՈՒՐՈՒԱՏԵՍԻԼ ՏԻԵԶԵՐՔԻ ՆԿԱՐԻՉԸ

Մտերմութեան մէջ` Jean Carzou (Գառնիկ Զուլումեան) յաճախ արտայայտուած է, թէ ինք կ’ապրի «մասամբ անցեալին մէջ։» Իննիսուներեք տարի իր ստեղծագործական կեանքը մասամբ մը անցեալին մէջ անցուցած համբաւեալ նկարիչը` աչքերը առ յաւէտ փակեց անցեալ Օգոստոսի 12-ին, Փերիկէօ, Տորտոնեի շրջանին մէջ։ Գառնիկ իր աչքերը բացած էր Հալէպի մէջ, 1907 Յունուարի 1-ին, տիգրանակերտցի Յարութիւն Զուլումեանի եւ նոյն քաղաքէն Հայկանոյշ Թաշճեանի յարկին տակ։

ºÕdzۻ³Ý ê³Ý»ñáõ ³é³çÇÝ ËáõÙµÁ üñ³Ýë³ Ù»Ïݻɿ ³é³ç£ Üëï³Í« ӳ˿Ý` ÆëÏáõÑÇ ¶á׳ݻ³Ý« ìÇùÃáñdz ¶³Éý³Û»³Ý£ àïùÇ« ӳ˿Ý` ¶³éÝÇÏ ¼áõÉáõÙ»³Ý« гٵ³ñÓáõÙ ¶³ñ³Û»³Ý« îÇ·ñ³Ý ä³åÇÏ»³Ý£

32

ì³ñå»ïÁ` Çñ ³ñáõ»ëï³ÝáóÇÝ Ù¿ç£


²Ï³¹»Ù³Ï³ÝÇ ï³ñ³½áí »õ ëáõñáí£ Համաճարակի ժամանակ կը կորսնցնէ լուսանկարիչ հայրը, եւ ժամանակ մը ետք` 1919-ին, մօրը եւ քրոջը հետ կու գայ Գահիրէ, ուր կը գտնուէր իր մօրեղբայրը, այստեղ, Գառնիկ կը սկսի յաճախել Գալուստեան Ազգ. Վարժարան, որուն ընթացքը կ’աւարտէ յաջողութեամբ, եւ տարի մըն ալ` ֆրանսական վարժարանի մը մէջ ֆրանսերէն լեզուին աւելի ընտելանալէ ետք, որպէս Եղիայեան Սան, երկու ընկերներու եւ երկու ընկերուհիներու հետ կը մեկնի Փարիզ։ Իրեն սահմանուած կրթաթոշակը պահպանելու մտահոգութեամբ, պարտադիր կարգով` կը հետեւի ճարտարապետութեան, ապա, ազատ ժամերուն` ամբողջութեամբ եւ հոգեւին կը նուիրուի նկարչութեան, դառնալով աշխարհածանօթ Carzou-ն։ Իր կենդանութեան, իր աշխատութիւնները` չինական մելան, մատիտանկար, կուաշ եւ փասթէլ, մէկտեղուեցան Ֆրանսայի հարաւը գտնուող Վանս քաղաքին եռայարկ ամրոցի մը մէջ։ Թանգարանի նման, Մանոսք քաղաքին ԺԹ. դարու վանքերէն մէկն ալ կը պարփակէ Յայտնութիւն բացառիկ յղացքով ստեղծագործութիւնը։ Ասոնցմէ զատ եւ ասոնցնէ շատ տարիներ առաջ, իր սիրելի Գահիրէի մէջ,

33


յատկապէս` երբեմնի Գալուստեան Ազգ. Վարժարանի փոքր շէնքին երկրորդ յարկը, երկու ընդարձակ սենեակներ վերածուեցան «Գառզու Ցուցասրահ»-ի, ուր բաւական յաջող ցուցահանդէսներ սարքուեցան` 1967-1977, մինչեւ ցաւառիթ քանդուիլը երբեմնի փառաւոր վարժարանին։ Այս առիթով, երախտագէտ նախկին սանը` քանիցս իր փորագրութիւններէն բազմաթիւ օրինակներ նուիրած էր ԳԱՎ-ի Ծնողք-Ուսուցիչ Մարմինին, որ` մասնաւոր ցուցահանդէսներով, վաճառքի դնելով զանոնք, հաւաքուած գումարը գործածած էր յօգուտ Վարժարանին։ Գեղարուեստի մեծ մրցանակներէ զատ, Carzou արժանացած էր նաեւ ֆրանսական պետական պատուանշաններու։ Կարելի է ըսել, թէ Carzou մահկանացու ծնաւ, բայց անմահ անուն մը յիշատակ ձգեց...։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Հոկտեմբեր 2000, նոր շրջան, թիւ 17, էջ 12

34


ԴԷՊԻ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿՆԵՐ... ԱՒԵՏԱՐԱՆԵԼՈՒ ՈՒՂԻՆ` ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՏԱՐՍՈՆԷՆ

Պատրաստուած` հետեւողութեամբ CALENDARIO SALESIANO GIUBILARE-ի

35


36


37


38


39


40


41


42


43


44


45


46


Տեղեկատու, Գահիրէ, Յունուար 2001, նոր շրջան, թիւ 18, էջ 2-7

47


ԼԱՏԻՆԱԳԷՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ

Մեռեալ լեզուներէն` թէ հին յունարէնը եւ թէ լատիներէնը, այդ լեզուներով հետաքրքրուողներու գիտական շրջանակ մը կ’ապահովեն այսօր ալ։ Լատիներէնը կը պատկանի հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքի միջերկրականեան խումբին. ըլլայ վեհ լեզուին թէ ճոխ գրականութեան հրապոյրը` ընտրանի լատինագէտներու սեփականութիւնը կը թուի ըլլալ։ Ուրախալի է, որ Գահիրէի մէջ ալ, յունական եւ ռոմանական ուսումնասիրութիւններու նուիրուած եգիպտական ընկերակցութիւն մը գոյութիւն ունի։ Այդ Ընկերակցութեան տարեկան վերջին համագումարը տեղի ունեցած է Գահիրէի Համալսարանին Ընդունելութեան Սրահին մէջ` 9 Դեկտեմբեր 2000-ին, եգիպտական համալսարաններու մէջ դասական լեզուներ աւանդող փրոֆեսէօրներու եւ Իտալական Մշակոյթի Հիմնարկէն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Այս առիթով, մրցանակներու արժանացած են` լատիներէն լեզուի մասին կատարուած հետազօտութիւններ եւ լատիներէնէ թարգմանութիւններ։ Ուրախութեամբ կ’ուզենք նշել` թէ այդ օր, պարգեւատրուած է նաեւ Մուսքիի Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան Քրիստոնէական Արեւելագիտութեան Կեդրոնի վաստակաւոր Տնօրէնը` Հայր Վենսան Մուսթարիհ, որ իր բազմաբնոյթ ուսումնասիրութիւններով ծանօթ է եւրոպական, ամերիկեան, արաբական եւ հայաստանեան գիտական շրջանակներու մէջ։ Որպէս ֆրանչիսկեան միաբան, Մեծարգոյ Վարդապետը քաջ գիտակ է նաեւ լատիներէնի եւ այդ լեզուէն թարգմանութիւններ կատարած է արաբերէնի։ Կեդրոնին կողմէ անցեալ տարի հրատարակուած վերջին աշխատութիւնը 85 էջնոց հատոր մըն է, հեթանոս աշխարհի մեծ բարոյախօս Սենեկայի` Լուքիլիոսի ուղուած բարոյախօսական նամակներէ հատընտիր մը, կուռ նախաբանով, լատիներէն բնագրով եւ հանդիպակաց արաբերէն թարգմանութեամբ, տողատակի ծանօթագրութիւններով եւ 25 էջնոց լատիներէն-արաբերէն բառգրքոյկով։ Հեղինակը` Լուքիոս, որդին է Աննէուս Սենեկայի` անուանի հռետորին. ծնած է Սպանիոյ Գորտովա քաղաքը` Ք.ա. 4-ին եւ ողբերգական վախճան մը ունեցած է Հռոմի մէջ, Ք.ե. 65-ին։ Եղած է պետական մարդ` նախ գանձապետ եւ յետոյ ծերակուտական։ Իր անունով կը պահուին բարոյախօսական եւ իմաստասիրական ճառեր, նամակներ, ինչպէս նաեւ գիտական աշխատութիւն մը։ Սենեկայի գործերը` ստոյիկեան փիլիսոփայութեամբ յագեցած, առաւելաբար

48


Щ ì»Ýë³Ý ì© ØáõëóñÇÑ - üñ³ÝãÇëÏ»³Ý

ներշնչած են Եկեղեցւոյ Հայրերէն ոմանց եւ ֆրանսացի բարոյախօս գրագէտ Միշէլ Մոնթենեին։ Միայն յիշատակելու համար, այստեղ յայտնենք` թէ Մխիթարեան մեծանուն վարդապետներէն, Հ. Մկրտիչ Աւգերեան, Սուրբ Ղազարու Տպարանէն` 1849 թ., 678 էջերու մէջ ամփոփած է Ղուկիոս Աննէոս Սենեկայի Ճառք իմաստասիրականքը։ *** Գիտութեան եւ միտքի աշխատաւորի մը համար հոգեկան կազդոյր է հրապարակով գնահատանքի արժանանալը։ Տեղեկատու Պաշտօնաթերթին Խմբագրութիւնը, ինչպէս նաեւ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Վարչութիւնը կը խնդակցին այս բերկրալի առիթով։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Յունուար 2001, նոր շրջան, թիւ 18, էջ 11

49


ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ԴԻՄԱՍՏՈՒԵՐՆԵՐ

ԾԱՆՕԹ ԵՒ ԱՆԾԱՆՕԹ ԳՈՐԳԱՆԿԱՐԻՉԸ

Առօրեայ հեւքին մէջ, մեր հանդիպած մարդոց` ունակութիւններուն, իմացական եւ հոգեկան առանձնայատկութիւններուն մասին գրեթէ չենք անդրադառնար, եթէ կողմնակի պատահական աղբիւրներէ չսքօղուին անհատի մը թաքուն մնացած ձիրքերը։

¶áñ·³ÝϳñÇã ´³ñë»Õ ¶Á½ÁÉ»³Ý Եգիպտահայ դիմաստուերներու ներկայ շարքով` փորձ պիտի կատարուի մեր ընթերցողներուն ներկայացնելու ցարդ անծանօթ մնացած գորգանկարիչ Բարսեղ Գըզըլեանը` որ արդէն ծանօթ է իր յղացումներով իրագործած երեսնեակ մը գորգերով։ Թռչնաթիռ ակնարկ մը` այստեղ, անհրաժեշտ կը նկատուի ներկայացնելու համար գորգը` որպէս մարդուն կենցաղը գեղեցկացնող առարկայ, եւ գորգարուեստը` մարդուն կեանքը իմաստաւորող արուեստներէն մէկը։ Այս դիմաստուերին բաղադրիչ մասերը պիտի ըլլան` գորգասէրը, հաւաքողը, հետազօտողը եւ գորգանկարիչը։ ***

50


Արուեստի գրեթէ ամէն մարզի մէջ, նոյնպէս գորգարուեստին մէջ ալ, հայ ստեղծագործ ժողովուրդը դրած է իր անջնջելի դրոշմը. ուրարտացիներու շրջանէն իսկ, հայկական երկրամասին վրայ գործուած են գորգեր` որոնց աստիճանական զարգացումը, դարերու հոլովոյթով, հայ գորգը հասցուցած է` համաշխարհային համբաւի։ Այսօր ալ` ինչպէս անցեալին, ամերիկեան եւ եւրոպական շուկաներուն վրայ ի պատուի են հայ վարպետներուն գործած նրբագեղ գորգերը։ Սկսելով Քսենոփոնէն` հին պատմագիրներու մօտ կարելի է գտնել հայկական գորգերը գովաբանող տողեր։ Արդէն, Ի. դարու տասնական թուականներէն ի վեր, հայկական գորգերը հետաքրքրութեան եւ հետազօտութեան առարկան դարձած են օտար մասնագէտներուն, ինչպէս նաեւ շահագործումի նիւթ` օտար վաճառականներուն համար։ Այս կերպով, ոմանք կը փորձեն հետեւցնել` թէ գորգագործութեան արուեստը սկիզբ առած է Հայաստանի մէջ եւ տարածուած է յարակից շրջանները։ Գորգին ամենօրեայ զննումը եւ թաւշանման մակերեսին փայփայանքը` անուղղակի կերպով Բարսեղ Գըզըլեանի դարձուցած են հետեւողական հաւաքող մը, որուն կազմած արեւելեան այլազան գորգերու ճոխ հաւաքածոն` կրնայ հետազօտող գորգագէտի մը ուսումնասիրութեան առարկան դառնալ։ Գորգարուեստի հետազօտութիւնը` իր մօտ սկիզբ առած է բոլորովին պատահական կերպով, երբ օր մը` անակնկալ, ձեռքը անցած է հնավաճառէ գնուած, հնաբոյր հատորիկ մը։ Ահա, այդ հատորիկին ընթերցումին ներգործութեամբ է` որ տասնամեակ մը շարունակ, ան լծուած է արեւելեան գորգերու` յատկապէս Պարսկական, Փոքր Ասիական, Կովկասեան (ներառեալ Հայկականը), Թիւրքմէնական, Չինական գորգերու ուսումնասիրութեան, եւ կազմած է ստուարածաւալ, նկարազարդ աշխատասիրութիւն մը` Etude: résumé pratique sur les tapis orientaux, որ ներածութենէ եւ ընդարձակ մատենագիտութենէ զատ, բաղկացած է հետեւեալ բաժիններէն. ‘Provenance’, ‘Construction’, ‘Nouage’, ‘Couleur’, ‘Format et dimension’, ‘Décoration du champ’, ‘Décoration de la bordure’. Գորգի նկատմամբ Բարսեղ Գըզըլեանի բնատուր հակումը` պէտք է առհաւական նկատել, որովհետեւ, իր պապերը` Բարսեղ, Յարութիւն, Գէորգ եւ Վահան, ԺԹ. դարու 90-ական թուականներուն, Կեսարիոյ մէջ եղած են ծանօթ գորգագործներ` ունենալով 60 թեզկեահ, թէեւ ընկերովի` Գըլըճեանի հետ։ Կեսարիոյ ձմեռը սաստիկ ցուրտ ըլլալուն, կեսարացին միշտ սիրած է տունը գորգեր փռել. ատիկա պատճառ եղած է` որ կեսարացիները ուրիշ քաղաքներէ գորգեր բերեն եւ վաճառեն իրենց շուկաներուն մէջ, յետոյ` գորգը այնտեղ վերածուած է գլխաւոր ճարտարարուեստի, մեծ եկամուտ ապահովելով բազմաթիւ ընտանիքներու։ Անկախ պապենական առհաւութենէն, Բարսեղ Գըզըլեանին գորգի էսքիզներ պատրաստելու hobby-ն` հաւանաբար իր նախադրեալները ունենայ իր մասնագիտական պատրաստութեան մէջ ալ, որովհետեւ ան շրջանաւարտ է

51


Քոլլէյյաթ Էլ Ֆընուն Էլ Կամիլի décoration-ի բաժինէն` 1969 թ., յետագային ալ` հեռակայ կարգով հետեւած է ԱՄՆ-ի jewelry designing-ի դասընթացքներուն։ Որոնումի եւ խոկումի երկար պահերէ ետք, ահա ձեւ կ’առնէ Բարսեղ Գըզըլեանի պատրաստած էսքիզը` գորգին կեդրոնական մակերեսը (գորգին դաշտը) կ’ամբողջանայ եզրաշերտերով, որոնք չորս կողմէն պատելով, իրենց մէջ կը պահեն գորգին մակերեսին կեդրոնական մասը։ Նախնական բոլոր հաշիւները եւ գոյներու ընտրութիւնը կատարելէ ետք, գորգանկարիչը իր էսքիզը կը յանձնէ տնայնագործ գորգագործին, որ տորքին վրայ` լարելով հենքաթելերը, կը սկսի գործել հանգոյց առ հանգոյց, մէջտեղ բերելով գոյն առ գոյն նախշեր։ Այսպէս, զարդանկարներուն հետ, գորգին գեղեցիկ տեսք կ’ապահովեն գոյները. զարդանկարներու եւ գոյներու ներդաշնակ միաձուլումով կը ստեղծուի գորգին գրաւչութիւնը։ Գորգին գեղարուեստական գաղտնիքը` գոյնի երանգներուն ընտրութիւնն է, համապատասխան համադրութեամբ` ճիշտ տեղաբաշխումով։ Գորգանկարիչ Բ. Գըզըլեան արդէն լաւ իւրացուցած է պատկերանշաններու վերացարկուած լեզուն, եւ հին գորգանկարներու քանի մը օրինակներ պատրաստելէ ետք, անցած է թեմատիկ գորգանկարներու յօրինումին։ Բ. Գըզըլեանի յղացումով գործուած գորգերուն համար կը գործածուին հրապարակին վրայ արդէն պատրաստ բրդեայ եւ մետաքսեայ թելերը։ Մասնագիտական նշում մը կատարելու համար, պէտք է յայտնել, թէ գրեթէ բոլոր բրդեայ գորգերուն սմ2 օղակները` 6x6=36 օղակ է, իսկ մետաքսեայ գորգերուն պարագային, բոլորն ալ, սմ2 8x8=64 օղակ է։ Թեմատիկ գորգերուն դաշտը զբաղած կը գտնէք կամ Տէրունական աղօթքով, կամ հայոց այբուբենով, կամ Սայեաթ Նովայի մէկ քառեակով, կամ ասոնց նման տողեր` որոնք գրաւած են գորգանկարիչին միտքն ու հոգին։ Գորգերու շրջագօտիներուն մէջ, յարմար տեղ մը կարելի է կարդալ ՀՆԳ, ԲԳ, ԲՎԳ, Գըզըլեան, Բ. Գըզըլեան, Բարսեղ Գըզըլեան ստորագրութիւնները։ Որպէս աւանդապահ մարդ, Բարսեղ Գըզըլեան իր առաջին գորգը նուիրած է Santa Rita-ի Իտալիոյ վանքին։ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարանին նուիրած երկու գորգերուն համար արժանացած է հայրապետական գնահատանքի գիրերու1։ Ասոնցմէ զատ, որպէս հարսանեկան նուէր, մէկական գորգ նուիրած է իր տղուն, իր աղջկան, բարեկամներու։ Բ. Գըզըլեանի իղձն է` իր հոգիին եւ միտքին տասնամեակներու արգասիքը, անհատական ցուցահանդէսով մը` գեղեցիկը գնահատող հասարակայնութեան ուշադրութեան յանձնել...։ Մինչ այդ, Հելիոպոլսոյ իր նոր գոհարավաճառատան մէջ, ընդմիջումի պահերուն, հակած միլիմեդրաւոր թուղթին վրայ, կը պատրաստէ Հայոց պատմութիւն գորգը, սովորականէն քիչ մը աւելի մեծ ծաւալի վրայ2...։

52


ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Վազգէն Ա.` Ս. Էջմիածին, 17 Մարտ 1989։ Գարեգին Բ.` թիւ 2135, 30 Հոկտեմբեր 2000։ 2. Այս դիմաստուերին առիթով, թէեւ հարեւանցի, հարկ կը նկատեմ ակնարկել նաեւ, թէ Աղեքսանդրիոյ ծխատէր քահանաներէն` հոգելոյս Տ. Վարդան Քհյ. Գարակէօզեան, Կ. Պոլսոյ մէջ, իր երիտասարդութեան, ժամանակ մը զբաղած է գորգանկարչութեամբ. իր պատրաստած էսքիզներու հաւաքածոն` քսանեակ մը միլիմեդրաւոր թերթեր, անցեալ դարու 60-ական թուականներուն, իր աղջիկները յանձնած էին գահիրէաբնակ անձի մը։ Հաւանաբար, տակաւին անոր մօտ պահուած ըլլան...։ Դարձեալ անցեալ դարու 40-ական թուականներուն տակաւին կ’ապրէր Տիկին Ոսկի անունով գորգագործուհի մը, որուն համար կ’ըսէին` թէ Մայր Հայաստան թեմայով գորգ մը գործած է։ Նոյնպէս անցեալ դարու 60-ական թուականներուն ինքնաշարժի արկածով մահացաւ կեսարացի գորգագործ Լօղոֆէթ Չամպաքեան, որ Թահրիրի հրապարակին մօտերը գորգի վաճառքի տեղ մը ունէր եւ գորգի նորոգութեամբ կը զբաղէր։

53


ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՅՑ ԲԱՐՍԵՂ ԳԸԶԸԼԵԱՆԻ ՅՂԱՑՈՒՄՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԳՈՐԳԵՐՈՒ

¶áñ·³ÝϳñÇãÇÝ ³é³çÇÝ ·áñ·Á« 1986« ÏÁ ·ïÝáõÇ Æï³Édz

54


гÛñ Ù»ñ« ê© ¾çÙdzÍÝÇ Â³Ý·³ñ³Ý£ â³÷»ñ` 82x68 ëÙ£ êïáñ³·ñáõÃÇõÝ` ¶Á½ÁÉ»³Ý£

55


²´¶« ê© ¾çÙdzÍÝÇ Â³Ý·³ñ³Ý£ â³÷»ñ` 78x64 ëÙ£ êïáñ³·ñáõÃÇõÝ` ´© ¶Á½ÁÉ»³Ý£

56


²´¶£ êïáñ³·ñáõÃÇõÝ` ´³ñë»Õ ¶Á½ÁÉ»³Ý£

57


úñÑÝáõû³Ý ·áñ·£ êïáñ³·ñáõÃÇõÝ` ´¶£

58


ê³Û»³Ã Üáí³£ â³÷»ñ 116x70 ëÙ£ êïáñ³·ñáõÃÇõÝ` ´¶£

59


ê»Õ³ÝÝ ¿ ³é³ï£ â³÷»ñ` 140x91 ëÙ£ êïáñ³·ñáõÃÇõÝ` ´³ñë»Õ ¶Á½ÁÉ»³Ý£

60


ìÇ߳峷áñ·£ â³÷»ñ` 107x66 ëÙ£ êïáñ³·ñáõÃÇõÝ` ´ì¶£

61


гõ³ïù« ÛáÛë« ë¿ñ£ â³÷»ñ` 158x103 ëÙ£ êïáñ³·ñáõÃÇõÝ` ´³ñë»Õ ¶Á½ÁÉ»³Ý£

62


²Õ³õÝÇ« »ÕÝÇÏ£ â³÷»ñ` 172x117 ëÙ£

63


ʳÕáÕ« ï»ñ»õ£ â³÷»ñ` 140x98 ëÙ« µáõñ¹ – Ù»ï³ùë£ Ð³Ý·áÛóÝ»ñ` 5x6=30£ 6 ·áÛÝ+ë»õ£

64


¼áÛ· ÙÁ ³Õ³õÝÇÝ»ñ£ â³÷»ñ` 137x105 ëÙ£

65


The Hieroglyphic Alphabet© â³÷»ñ` 108x80 ëÙ£

66


ÎñÏÝáõ³Í ˳ã»ñ£ â³÷»ñ` 235x172 ëÙ£

67


´áõë³½³ñ¹£ â³÷»ñ` 176x102 ëÙ£ êïáñ³·ñáõÃÇõÝ` ´¶£

68


¶áñ·Á ¹³½·»³ÑÇÝ íñ³Û£

69


70 î³å³ëï³ÏÝ»ñ ¥÷áùñ ·áñ·»ñ¤£ â³÷»ñ` 50x50 ëÙ« ϳ٠60x60 ëÙ£


î³å³ëï³ÏÝ»ñ ¥÷áùñ ·áñ·»ñ¤£ â³÷»ñ` 50x50 ëÙ« ϳ٠60x60 ëÙ£

Տեղեկատու, Գահիրէ, Յունուար 2002, նոր շրջան, թիւ 22, էջ 18-24

71



ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆՆԵՐ



ՕԳՏԱԿԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿ

(ՖՐԱՆՉԻՍԿԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ)

Կաթողիկէ առաքելութիւններ ԺԳ. դարէն սկսեալ թէ Կիլիկիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ շփում ունեցած են հայ եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին հետ, եւ այդ առիթով մօտէն ծանօթացած են մեր մշակոյթին։ Այդ առաքելութիւններուն մաս կազմած են Ֆրանչիսկեան Հայրերը, որոնք մինչեւ այսօր պահած են իրենց հետաքրքրութիւնը մանաւանդ մեր կրօնական գործունէութեան նկատմամբ։ Հաւանաբար հայերու նկատմամբ տածուած այդ հետաքրքրութիւնը ունենայ իր յատուկ պատճառը։ Արդարեւ, հայ բանասիրութեան մէջ գոյութիւն ունի այն վարկածը, թէ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան հիմնադիր Ս. Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի պապը եղած է հայ վաճառական մը, որ կերպասեղէնի առեւտուրով զբաղած է Իտալիոյ մէջ։ Արեւելք այցելած Ֆրանչիսկեան ամէն ուղեգիր կամ ժամանակագիր իր աշխատութեան մէջ անպայման անդրադարձած է հայերու մասին։ Այդ նիւթերէն մաս մը լոյս տեսած են. իսկ կարեւոր մաս մըն ալ կը մնան անտիպ։ Առաջին անգամ, հարիւրամեակ մը առաջ, Երուսաղէմի իրենց տպարանէն լոյս տեսած է Անթուն Խանճիի արաբերէն լեզուով Հայոց Պատմութիւնը։ Անոնք հրատարակած են հայատառ թրքերէնով բազմաթիւ գրքոյկներ։ Ու ուսումնասիրած են առաւելաբար դաւանաբանական-կանոնագիտական հարցեր։ Հայաբնակ վայրերու մէջ բացած են վարժարաններ հայ մանուկներուն համար։ Մասնակից եղած են նաեւ մեր ժողովուրդին կրած տառապանքներուն եւ նոյնիսկ մարտիրոսներ ալ արձանագրած են մեր բիւրաւոր նահատակներու շարքին։ Օրինակներ յիշելու համար թուենք Զէյթունի ապստամբութեան օրերուն Փատրէ Սալվաթորէի պարագան։ Իսկ Մարաշի աղէտին ականատես Փէր Մաթերն Մօրէ, Կոմիտասի նման, ջղային խանգարումի զոհ եղած է։ Միաբանութեան դարաւոր աւանդները նորերուն մօտ կ’ընձիւղին նոր աշխատանքներով։ Ֆրանչիսկեաններու անցեալ գործունէութիւնը վերյիշեցինք նոր հրատարակութեան մը առիթով։ Ֆրանչիսկեան Հայրերու Քրիստոնէական Արեւելեան Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը տասնամեակէ մը աւելի է, որ Երուսաղէմէն փոխադրուած եւ հաստատուած է Գահիրէի Մուսքի թաղամասին մէջ։ Կեդրոնին

75


տնօրէնութիւնը Քրիստոնեայ Արեւելքին վերաբերող ուսումնասիրութիւնը եւ սկզբնաղբիւրները կը հրատարակէ Քոլեքթանէա անունով իր գիտական տարեգիրքին մէջ։ Այդ հաւաքածոյին տասներորդ հատորին մէջ (1965) առաջին անգամ ըլլալով տեղ գրաւած է նաեւ հայկական մատենագիտութիւնը` ղպտականին եւ յունականին շարքին։ Տարեգիրքէն քաղուելով, Մատենագիտութեան առանձնատիպն ալ հրատարակուած է 111 էջով, եւ մաքուր տպագրութեամբ։ Հայկական բաժինը մատենագիտութեան 87-111 էջերը կը գրաւէ։ Գրական, ծիսական, վանական, պատմական եւ զանազանքի բաժիններով տրուած է 1964ի ընթացքին Արեւի, Աւետիքի, Բազմավէպի, Էջմիածնի, Հանդէս ամսօրեայի, Հասկի, Յուսաբերի եւ Սիոնի մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն խորագիրները` անոնց իտալերէն թարգմանութեամբ։ Օգտակար եւ գովելի ձեռնարկ մըն է, որուն նպատակն է եւրոպական գիտական շրջանակներուն տեղեկութիւններ հաղորդել Միջին Արեւելքի կրօնական հարցերուն եւ գրական շարժումներուն մասին։ Հետագայ հատորները աւելի ճշգրիտ պարունակութեամբ տեսնելու ցանկութեամբ, այստեղ կը փափաքինք մատնանշել հետեւեալ թերացումները. 1.- Նախաբանին մէջ` Էջմիածին եւ Հասկ ամսագիրներուն մասին կ’ըսուի թէ Պատրիարքարանի պաշտօնաթերթեր են։ Թէեւ օտար կրօնական շրջանակները լաւատեղեակ են մեր նուիրապետական աթոռներու դասաւորումին, սակայն, ընթերցողին վրայ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ հայերը չորս պատրիարքութիւն ունին։ Վերոյիշեալ ամսագրերը կաթողիկոսարանի պաշտօնաթերթեր են։ 2.- Արեւը ներկայացուած է որպէս ձախակողմեան հակումով օրաթերթ, իսկ Յուսաբերը` աջակողմեան։ Ի՞նչ նկատումով յայտնուած է այս կարծիքը։ 3.- Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեաններու պաշտօնաթերթերը շփոթւած են իրարու հետ։ 4.- Մատենագիտութեան բաժնին մէջ` լուսաւորչական եւ կաթողիկէ յօդուածագիրները իրարմէ զանազանելու համար, կաթողիկէ յօդուածագիրներուն անունին առջեւ (+) խաչ դրուած է։ Մեր հրատարակութիւններուն մէջ յօդուածագիրներուն դաւանաբանական ուղղութիւնը ճշդելը դժուար է, որովհետեւ բազմաթիւ լուսաւորչական բանասէրներ կ’աշխատակցին կաթողիկէ պաշտօնաթերթերու։ Այսպէս են օրինակ մատենագիտական ցանկի թիւ 2, 32, 34, 44, 46, 106, 145, 146, 164, 167։ 5.- Էջ 92-ի թիւ 2 ծանօթագրութեան մէջ զանց եղած է Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան յիշատակութիւնը։ 6.- Այսքան սեղմ մատենագիտութեան մը մէջ երբեմն տեղ տրուած է նաեւ անկարեւոր նիւթերու ալ։ 7.- Իւրաքանչիւր բաժնի մէջ հեղինակներու դասաւորումը այբբենական չէ, ինչ որ փնտռտուքը որոշ չափով կը դժուարացնէ։

76


Այս մատենագիտութիւնը աւելի լրիւ պիտի ըլլար, եթէ զայն պատրաստողը` Հայր Վինկենտիոս Միսթրիհ, որ հայագիտութեան նուիրուած երիտասարդ գիտնական մըն է, օգտագործէր նաեւ Հայկ. ՍՍՌ Գիտ. Ակադեմիայի Հասարակական Գիտութիւններու Տեղեկագիրը եւ Պատմա-բանասիրական հանդէսը, ինչպէս նաեւ Ռըվիւ տէ զ’էթիւտ արմենիէնի նոր շրջանի առաջին հատորը, եւ Բանբեր Մատենադարանին։ Մասնակի թերութիւնները անտեսելով, պէտք է ըսել թէ աղբիւրագիտական կարեւոր աշխատութիւն մըն է, որ կրնայ իբր ուղեցոյց ծառայել Քրիստոնեայ Արեւելքով զբաղող ուսումնասէրներուն։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 9 Օգոստոս 1967, ԾԳ. տարի, թիւ 14.793

77


ՖՐԱՆՉԻՍԿԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մատենագիտական ցանկեր միջին դարէն արդէն գոյութիւն ունեցած են, սակայն, գիտական մատենագիտութեան առաջին ձեռնարկը կը համարուի բազմավաստակ Մխիթարեան Հ. Գարեգին Զարբհանալեանի` 1883-ին Վենետիկի մէջ լոյս տեսած, Հայկական մատենագիտութիւն աշխատութիւնը։ Այդ թուականէն ի վեր գիտութեան այս մարզը զարգացած է բազմաթիւ երախտաւորներու աւանդներով որոնք մինչեւ այսօր ալ պահած են իրենց արժէքը եւ օգտակար ուղեցոյցներ են ուսումնասէրներուն ձեռքը։ Բայց ամէնօրեայ բազմաբովանդակ եւ բազմաթիւ հրատարակութիւնները` միշտ նոր եւ նորագոյն մատենագիտական ցանկերու պահանջը կը զգացնեն հայագիտական այս կամ այն ճիւղով հետաքրքրուողին։ Բարեբախտութիւն է, որ Հայաստանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի մատենագիտական ուղեցոյցներու պատրաստութեան, եւ հաւաքական ճիգերու շնորհիւ, միայն անցնող տասնամեակին լոյս տեսան` Մատենագիտութիւն հայկական մատենագիտութեան, Հայաստան երկրագիտական-հայագիտական տարեգիրք, 1963, Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւնների Ակադեմիայի հրատարակութիւնների մատենագիտութիւն, 1962-1963, եւ Պատմա-բանասիրական հանդէսի 1958-1967 տարիներու Մատենագիտական Ցանկը։ Եւրոպական լեզուներով հայագիտութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններու 1966-1967 համառօտ Մատենագիտութիւնը պատրաստած է ամերիկացի հայագէտ Ռ. Թոմսընը։ 1965-էն ի վեր, Եգիպտոսի մէջ հայկական մատենագիտութիւն պատրաստելու եւ տարուէ տարի հրատարակելու շնորհակալ գործին յանձնառու եղած է Ֆրանչիսկեան Հայրերու Քրիստոնէական Արեւելեան ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը, իր Գոլեքթանէա անունով գիտական տարեգիրքին մէջ ղպտական եւ յունական մատենագիտութեան առընթեր, տեղ տալով նաեւ հայկականին։ Միջին Արեւելքի կրօնական հարցերուն եւ գրական շարժումներուն մասին` եւրոպական գիտական շրջանակներուն տեղեկութիւններ հաղորդելու նպատակով պատրաստուած այս մատենագիտական ձեռնարկին օգտակարութեան անդրադարձած էինք այս սիւնակներուն մէջ1։ Այսօր ձեռքի տակ ունինք Գոլեքթանէա տարեգիրքի տասնմէկերորդ հատորէն (1966) քաղուած մատենագիտութեան առանձնատիպը` շատ մաքուր տպագրութեամբ։

78


Մատենագիտութեան 103-134 էջերուն մէջ ամփոփուած են Արեւի, Աւետիքի, Բազմավէպի, Էջմիածինի, Հանդէս ամսօրեայի, Հասկի, Յուսաբերի, Սիոնի, Ջահակիրի եւ Տեղեկատուի 1965-ի ընթացքին լոյս տեսած յօդուածներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն խորագիրները, ինչպէս նաեւ անոնց իտալերէն թարգմանութիւնը։ Հաւաքուած 200 անունները նոր դասաւորութեամբ` զետեղուած են Վարդապետական, Սուրբ Գրական, Բարոյական, Ծիսական, Ներանձնական, Հովուական, Պատմական եւ Զանազանքի բաժիններուն մէջ։ Շատ ճոխ է մանաւանդ պատմական մասը, որ ինը ճիւղային բաժանումներ ունի, եւ Եղեռնի յիսնամեակը ըլլալուն, տեղ տրուած է նաեւ հայկական կոտորածներուն։ Այս անգամ ալ նախորդին մէջ նկատուած կարգ մը թերիներ կը յամենան տակաւին։ Թերեւս աւելորդ չըլլայ երբ կրկին թելադրենք. 1. Նկատի ունենալով մատենագիտութեան շատ սեղմ ըլլալը, անկարեւոր նիւթերը զանց ընել։ 2. Ճիւղային բաժիններու մէջ հեղինակները այբբենական շարքով դասաւորել, փնտռտուքի աշխատանքը չդժուարացնելու համար։ Ցաւալի է, որ հայագիտական կարեւորագոյն հանդէսները` Պատմա-բանասիրական հանդէսը, Մատենադարանի եւ Երեւանի Բանբերները, ինչպէս նաեւ Ռըվիւ տէ զ’էթիւտ արմենիէնը տակաւին մատչելի չեն եղած այս մատենագիտութիւնը պատրաստող Հ. Վինկենտիոս Միսթրիհին, որուն յետագայ աշխատանքը արդիւնաւորուելու համար կը մաղթենք անսպառ կորով եւ յարատեւութիւն։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 6 Ապրիլ 1970, ԾԴ. տարի, թիւ 15.591

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Տեսնել Արեւի 9 Օգոստոս 1967ի համարը։

79


ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՄԵՆԱՀԻՆ ՀԱՆԴԷՍԸ ՆՈՐ ՏԱՐԱԶՈՎ

Ս. Ղազարի Հայկական Կաճառի հրատարակութիւն` Բազմավէպ հայագիտական, բանասիրական, գրական հանդէսը իր 129-րդ տարիէն սկսալ (1971), մեր օրերու ուսումնական եւ տնտեսական պահաջներէ թելադրուած, վերածուած է «եղանակային թերթ»ի (տարեկան չորս համար), 17x25 հրդմ. «գործնական չափ»ով, որ «արդի բանասիրական-գրական-գիտական թերթերու նախընտրած չափն է», կը գրէ Հ.Մ.Ճ. խմբագրական էջերու մէջ։ Թղթատելով արտաքին ձեւով եւ պարբերականութեամբ փոփոխութիւն կրած 1-2 միացեալ համարը, կը նկատենք` որ բովանդակութեան տեսակէտէ, իր նախորդներէն չի տարբերիր. դարձեալ մատենագիտական, պստմական մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ, գրական վերլուծումներ, գրախօսականներ կը յաջորդեն 176 էջերու մէջ։ Ուրեմն ի՞նչ է այս նոր ձեւին նկարագիրը. ինչպէս կը նախատեսէ Մեծարգոյ խմբագիրը «աւելի խտացում, աւելի միութիւն, աւելի ճոխութիւն եւ աւելի գործնական հանգամանք»։ Աւարտած եւ շարունակելի ուսումնասիրութիւններ հանդէս կուգան իւրաքանչիւրը նոր շող մը ցաթեցնելով նախապէս շօշափուած նոյն հարցերուն վրայ։ Կարելի է յամենալ քանի մը ուսումնասիրութիւններու վրայ։ «Մկրտութեան արարողութիւնը Մաշտոցներու մէջ» մէկն է այդ շատ հետաքրքրական յօդուածներէն։ Միաբանութեան նոր սերունդի անդամներէն` Հ. Սահակ Ճեմճեմեան, Ս. Ղազարի, Երեւանի, Վատիկանի, Փարիզի եւ մասնականներու ձեռագիրներ ուսումնասիրելով, կ’առաջարկէ ծիսական ինչ-ինչ սրբագրութիւններ, մատնանշելու համար բնիկ հայկականն ու հինը, ցոյց տալու նորամուտ տարրերը, որոնք դարերու ընթացքին մտած են Մաշտոցէն ներս (էջ 25)։ Իր նպատակը բացատրելու համար` անհրաժեշտօրէն կը մէջբերենք հետեւեալ հատուածը. Այսօր Հայ Եկեղեցւոյ զոյգ համայնքներու գործածած տպագիր Մաշտոցները չեն հետեւիր ոչ մէկ ձեռագիր Մաշտոցի, այլ արդիւնք են հրատարակիչներու, որոնք օգտուելով զանազան ձեռագիրներէ, մանաւանդ ԺԸ. դարուն երեւան ելած ճոխ Մաշտոցներէ, չափազանց խճողած են արարողութիւնը, եւ որովհետեւ կատարած են զայն հեղինակութեան մը հաւանութեամբ, այսօր դարձած են անձեռնմխելի ու սրբազան բնագիրներ։ Եւ սակայն

80


իրականութեան մէջ, ոչ միայն հեռացած ենք մեր նախնիքներու գործածած բնագիրներէն, այլ նաեւ կուրօրէն փարած ենք մեր ներկայ Մաշտոցին, այնքան որ հոն որեւէ փոփոխութիւն` նկատուած է շեղում մեր նախնիքներէն ու Հայրերու հաւատքէն (էջ 26)։

Հ. Մ. Ճանաշեան կարգ մը դիտողութիւններ կ’ընէ Հ. Արսէն Ղազիկեանի դասական գործերու հայացումներուն շուրջ` բաղդատութեան դնելով յունարէն բնագրին կամ իտալերէն յաջող թարգմանութիւններու հետ։ Ընդունելով որ «քսաներորդ դարու սեմին վրայ Ղազիկեան տիտան մը մնաց, իր յաջորդը դեռ չելաւ ոչ արեւմտահայ եւ ոչ ալ արեւելահայ թեւին վրայ։ Այս տիտանը, սակայն, ունեցաւ իր տկարութիւնները»։ Հետեւաբար` «զարմանալի պիտի չըլլայ, որ այդ հսկայ գործին մէջ ըլլան նաեւ թերի կողմեր` լեզուական, ըմբռնումի, վերածումի։ Իր թարգմանութիւններու վերաքննութիւնը տարիներու եւ երկար աշխատանքի կը կարօտի եւ նոյնքան գիտակից ձեռնհասութեան» (էջ 83, 84)։ Մայր Աթոռ Էջմիածնի կողմէ 1970ին հրատարակուած Հայկական եկեղեցիները ալպումը` ազգային գեղարուեստական արժէքներով պարծենալու առիթ տալով, Հ. Մ. Ճ. ընդարձակ գրախօսականի մը նիւթ կը դարձնէ, 23 յստակ լուսանկարներ ալ զետեղելով այնտեղ։ Հեղինակաւոր աղբիւրներէ քաղելով կազմած է ցուցակ մը 47 վանք-եկեղեցիներու, որոնք չեն յիշուած ալպումին մէջ։ Եւ մանրակրկիտ բաղդատական մը ընելէ ետք, գրախօսողը անվարան կը գոչէ.

Ալպումին մէջ տրուած ծանօթութիւնները համառօտէն ալ նուազ ու թերի թուեցան։ Առանց համեմատութեան դնելու զանոնք ոչ ճարտ. Իւթիւճեանի Հայաստանի Դ.-ԺԷ. դարերու յուշարձանները (ֆրանսերէն) գործին, ոչ Ա. Խաչատուրեանի Հայկական ճարտարապետութիւնը Դ.էն Զ. դար գործին, եւ ոչ ալ Փ. Քունէոյի եւ իր ընկերներուն հրատարակած Միջնադարեան հայ ճարտարապետութիւնը (իտալերէն), եւ ուրիշ ճարտարապետներու խմբակի մը (Ատրիանոյ Ալբակոյ Նովելլոյի, Յարութիւն Գազանճեանի եւ Արմէն Մանուկեանի) մասնագիտական հատորներուն հետ` չկրցանք գտնել հոն` այն անհրաժեշտ գիտական տուեալները, որոնք մեր հին յուշարձաններուն մասին այսօր դարձած են ամէնակարեւոր ու հիմնական գիտելիքներ (էջ 116)։

Հետաքրքրական պիտի ըլլայ` եթէ Ալիշանի կարգ մը նամակներէն ետք, Ս. Ղազարու դիւանէն ուրիշ մասունքներ ալ լոյս աշխարհ գան։ Փափաքելի է` որ Բազմավէպ աւելի լայն չափով արձագանգէ եւրոպական բանասիրական հանդէսներու մէջ լոյս տեսած հայագիտական ուսումնասիրութիւններու մասին։ Նոր շրջանի Բազմավէպը` իր արտաքին տեսքով աւելի փառաւոր պիտի թուէր, եթէ գեղեցկագիտական տեսակէտէ խոցելի կողմեր չունենար. Բազմավէպ անունին «ԷՊ» գիրերը եւ ճափոնական տնակներու նմանող Ս. Ղազարի ուրուանկարը։

81


Սխալած չենք ըլլար, եթէ ըսենք որ իր հիմնադրութենէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով Բազմավէպի մէջ կը յիշատակուի Ս. Ղազարի Հայկական Կաճառի հրատարակութիւն ըլլալը։ Հայկական Կաճառը` որ Ս. Ղազարու Հայկական Ճեմարան անունով ծանօթ է, հաստատուած է Մխիթար Աբբահօր յաջորդներէն Ստեփանոս Ագոնց Ընդհանուր Աբբահօր բանիմաց կարգադրութեամբ, հետեւեալ պարագաներու տակ։ [ԺԹ. դարու սկիզբը] բոլոր Եւրոպա կը ծփայ խռովայոյզ խառնակութեանց կոհակադէզ սպառնալեաց մէջ. - կործանեցան դարաւոր կրօնաւորական հաստատութիւնք. աւերեցան սրբավայրք։ - Ս. Ղազարու շուրջն եւս պատեցին ալեսաստ վրդովմունք. կոխել զայն սպառնացան, խախտել խորտակել խաղաղութեան հանգրուանը. 1806ին Գաղղիական արշաւանքն Վենետկոյ վրայ, եւ 1810ին Պոնափարթեան խրոխտ հրովարտակն աւերիչ մենաստանաց, փորձեցին Մխիթարայ կղզեկին բնաջինջ բարձումը1։

Աւելորդ է ըսել` վանակեաց եւ առաքելութեան վայրեր գտնուող միաբաններ ինչ տագնապի կ’ենթարկուին։ Հաւատքի մարդ` Ագոնց Աբբահայր իր յոյսը կը դնէ «բազմագորով ամէնօրհնեալ Կոյսին վրայ», սակայն` «Միաբանութեան ապահովութեան համար» զանց չըներ նաեւ մարդկային միջոցներու գործածութիւնը2, որ իր յաջող վախճանը կը գտնէ 17 Օգոստոս 1810ին` Սէն Գլուի պալատէն տրուած Նափոլէոնի հրովարտակով3։ «Անդրդուելի կեցուածքը զոր ունեցաւ Ագոնց Աբբահայր եւ իր առած վճռական քայլը Մխիթարի Ուխտը փրկելու` կը բխէին անշուշտ հոգեկան խոր գիտակցութենէն այն մեծ եւ անգնահատելի արժանքիներուն զոր Մխիթար եւ իր Միաբանութիւնը շահած էին Հայ Լուսաւորութեան դատին համար», կը գրէ ճեմարանի պատմութիւնը ուրուագծող Հ. Ե. Փէչիկեան4։ Ահա այս Ճեմարանի (Ակադեմիա) հանդիսարանն է Բազմավէպ, որ 130 տարի հայ մշակոյթի զանազան մարզերը արգասաւորելու մտահոգութիւնը ունեցած է միայն. միշտ ժողովուրղին իմացական առաջդիմութեան նախանձախնդիր։ Անտեղի պէտք է նկատել այն հապճեպ դատումը, թէ «այժմ Բազմավէպը արդէն շատ է յետ մնացել, կտրուել կեանքից, մեր ժողովուրդից»5։ Ճիշտ երեսնամեակէ մը ի վեր, որոշ ընդմիջումներով, Հ. Մեսրոպ Ճանաշեանի հմուտ եւ բծախնդիր խմբագրութեամբ լոյս կը տեսնէ հայագիտական ամէնէն հին եւ ամէնէն հեղինակաւոր սփիւռքահայ հանդէսը։ Մաղթենք` որ դեռ տասնամեակներ երկարաձգուի Մեծարգոյ Վարդապետին բեղմնաւոր աշխատանքը։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 14 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.248

82


ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Հ. Ս. Սարեան, «Ակնարկ մը Մխիթարեան Ուխտին Վենետկոյ Ընդհանրական Աբբայից վրայ», Մխիթարեան յոբելեան, Վենետիկ, 1901, էջ 58։ 2. Հ. Եղիա Փէչիկեան, «Ս. Ղազարու հայկական ճեմարանը», Գեղունի, նուիրուած Երանաշնորհ Մխիթար Աբբահօր մահուան Բ. դարադարձին, 1749-1949, Վենետիկ, 1950, էջ 31։ 3. Նոյն տեղը` էջ 32։ 4. Նոյն տեղը` էջ 33։ 5. Յովհ. Պետրոսեան, Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա (1794-1900), Երեւան, 1956, էջ 32։

83


ՏԻԵԶԵՐԱԼՈՅՍ ԳԷՈՐԳ ՍԿԵՒՌԱՑԻԻ ԵՐԵՔ ՎԱՐՔԵՐԸ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Щ ìºÜê²Ü Øàôê²ðÆÐ öáË îÝûñ¿Ý üñ³ÝãÇëÏ»³Ý гÛñ»ñáõ ²ñ»õ»É»³Ý øñÇëïáÝ¿³Ï³Ý àõëáõÙݳëÇñáõÃÇõÝÝ»ñáõ λ¹ñáÝÇÝ

84


Հալէպի ճամբուն վրայ` Լաթաքիայէն 60 քմ. հեռու, հովեկներուն նախասիրած գիւղերէն մէկն է Եագուպիէն, որուն բնակիչները արաբախօս` սակայն ազգասէր հայեր են։ Մեծարգոյ Հ. Վենսան սերած է այդ գիւղի բնակիչներէն` Մուսթարիհ (Հանգստեան) ընտանիքէն, որ այս դարուն սկիզբը լատինացած է, լատին կրօնաւորներու քարոզչութեան հետեւանքով։ Հ. Վենսան իր ուսումը ստացած է Ֆրանչիսկեան միաբանութեան Բեթղեհէմի կղերանոցին եւ Երուսաղէմի մայրավանքին մէջ։ Ապա, բարձրագոյն ուսման համար ղրկուած է Հռոմ, ուր երեք տարի հետեւած է Քահանայապետական Արեւելեան Քրիստոնէական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկի դասախօսութիւններուն։ Արեւելագիտութիւնը իբր մասնագիտութիւն ընտրած ըլլալուն` դեռ Երուսաղէմ գտնուած շրջանին, Հ. Վենսան հետաքրքրուած է հայերէն լեզուով, եւ երկու տարի մասնաւոր դասեր առած է Ս. Յակոբեանց միաբաններէն` Հ. Յովսէփ Մամուրէն։ Հազիւ ճաշակած մեր լեզուին քաղցրութիւնները, իր գիտելիքները աւելի զարգացնելու դիտաւորութեամբ` ան երկու ամիս անցուցած է Զմմառու միաբաններուն մօտ եւ երեք ամիս ալ Ս. Ղազար` օգտուելով հոգելոյս Հ. Եղիա Փէչիկեանի անչափելի հմտութենէն։ Նշուած տեղերէն զատ, իր ուսանողութեան ժամանակ, երկու տարի հետեւած է Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի հայերէնի դասընթացքներուն։ Դասական եւ արդի քանի մը լեզուներու խորապէս տիրապետելուն` Հ. Վենսան իր մեծաւորներուն կողմէ փոխ տնօրէն կարգուած է Մուսքիի Ֆրանչիսկեան Հայրերու Արեւելեան Քրիստոնէական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնին, ուր տասնամեակէ մը ի վեր կը գործէ մեղուի մը ջանասիրութեամբ` խմբագրելով Գոլեքթանէա գիտական տարեգիրքը, հրատարակելով եւ թարգմանելով աստուածաբանական, ծիսական բովանդակութեամբ աշխատութիւններ։ Քանի մը տարիէ ի վեր, գովելի յարատեւութեամբ, նախ` Գոլեքթանէաի մէջ, յետոյ` որպէս առանձնատիպ, լոյս կը տեսնէ Հ. Վենսանի կազմած հայկական մատենագիտութիւնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով հայագիտական կարեւոր հանդէսներու կարգին` եգիպտահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն խորագիրներն ալ ցանկագրուած են, իտալերէն թարգմանութեամբ միասին։ Մատենագիտական ձեռնարկին նպատակն է` Եւրոպայի գիտական շրջանակներուն տարիէ տարի տեղեկութիւններ հաղորդել Միջին Արեւելքի կրօնական հարցերուն եւ գրական շարժումներուն մասին։ Մինչեւ հիմա անջատաբար հրատարակուած են 1964, 1965, 1966 տարիներու մատենագիտութիւնը. ներկայիս մամուլի տակ է 1967-1968-1969 տարիներու միացեալ մատենագիտութիւնը` պատրաստուած բոլորովին նոր եւ գործնական մեթոտով մը։ Հայ կրօնական գրականութեան գանձերէն հմայուած, Հ. Վենսան ձեռնարկած է մեր սուրբ մատենագիրներու կարգ մը գործերուն թարգմանութեան, որպէսզի

85


հետաքրքիր Եւրոպան անմասն չմնայ Արեւելքէն եկող միտքի եւ հոգիի վայելքէն, Այդ կարգի առաջին աշխատութիւնը եղաւ Նարեկացիի Երգ երգոցի մեկնութեան առաջին չորս գլուխներուն իտալերէն թարգմանութիւնը, որ հրատարակուեցաւ 1967ին, Գոլեքթանէաի 12րդ հատորին մէջ։ Մնացեալը մամուլի տակ է։ Երկրորդ աշխատութիւնը` Գէորգ Սկեւռացիի վարքերուն թարգմանութիւնն է, որ այսօրւան գրախօսականին նիւթն է։ Տպագրութեան համար պատրաստ են Եղիշէի ճառերուն ֆրանսերէն թարգմանութիւնը եւ Լամբրոնացիի մեկնութիւնը Հաւատով խոստովանիմ աղօթքին։ Հայաստանի գիտական հիմնարկներուն հետ սերտ կապեր հաստատած ըլլալով` Հ. Վենսան արժանացած է հայրենի գիտնականներու աջակցութեան եւ ջերմ վերաբերումին։ Գիտնականի բնորոշ համեստութեամբ` ուսումնասէր վարդապետ մըն է Հ. Վենսան, արժանի ամէն տեսակ խրախուսանքի։ ***

Արեւելեան հայրախօսութեան համար մանաւանդ, շատ կարեւոր հատոր մը լոյս ընծայած է Ֆրանչիսկեան Հայրերու Արեւելեան Քրիստոնէական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը` Հ. Վենսան Մուսթարիհի աշխատասիրութեամբ1։ Ուսումնասիրութեան նիւթն է ԺԳ. դարու երկրորդ կիսուն` Կիլիկիոյ արքունական, եկեղեցական եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ համբաւի տիրացած, սրբակենցաղ կրօնաւոր Սկեւռացի Գէորգ վարդապետին երեք վարքերը2` որոնք մինչեւ հիմա գրեթէ անծանօթ մնացած են օտար հետազօտողներուն։ Մատենագիտութիւնը ցոյց կուտայ, թէ աշխատութեան պատրաստութեան համար օգտագործուած են երեսունէ աւելի հայ եւ օտար աղբիւրներ։ Առաջին մասը` ներածութիւնն է, ուր ներկայացուած է ձեռագիր աղբիւրներուն համադրութիւնը (էջ 11-12), Գէորգ Սկեւռացիի համառօտ` բայց համապարփակ կենսագրութեան ուրուագիծը (էջ 13-19), մեկնողական, ծիսական, աստուածաբանական եւ գրչութեան արուեստի աշխատութիւններուն ամփոփ պատկերը (էջ 19-26), որովհետեւ, հեղինակը յետագային կը թողու անոր գործերուն աւելի մանրամասն ուսումնասիրութիւնը։ Միջին դարուն որպէս գիտնական հռչակուած վարդապետին բազմաբովանդակ գործերէն` գլխաւորաբար հեղինակին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Սկեւռացիի մեկնողական աշխատութիւններուն վրայ եւ այդ մասին կը գրէ. Ce qui suscite en lui un grand intérêt est son œuvre éxégétique, qui ne manque pas d’originalité et pose à la fois plusieurs interrogations auxquelle la réponse a une grande importance pour l’exégèse patristique.

86


Øáíë¿ë ºñ½ÝϳóÇÇ Ý»ñµáÕÝ»ñÁ© ´ñÇï³Ý³Ï³Ý ³ݷ³ñ³ÝÇ Ó»é³·Çñ ÃÇõ 99£ ¥¶ñã³·ÇñÝ»ñ¿Ý ѳïáõ³ÍÝ»ñ å³ïÏ»ñ³óÝáÕ ·ÉÇß¿Ý»ñÁ` ëÇñ³Ûûųñ Ï»ñåáí ïñ³Ù³¹ñáõ»ó³Ý ØáõëùÇÇ üñ³ÝãÇëÏ»³Ý λ¹ñáÝÇÝ ïÝûñ¿Ýáõû³Ý ÏáÕÙ¿« áñáõÝ ËÙµ³·ñáõÃÇõÝë ÏÁ Û³ÛïÝ¿ Çñ ËáñÇÝ ßÝáñѳϳÉáõÃÇõÝÁ£¤

87


Քանի մը վկայութիւններ` համալրելու համար պատկերը Գէորգ Սկեւռացիի ապրած դարաշրջանին եւ միջավայրին։ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութիւնը աւատապետական վարչաձեւ ունէր եւ բաժնուած էր հողատէր տանուտէրներու միջեւ, որոնցմէ ոմանք նոյնիսկ Ռուբինեան իշխաններէն ճորտապետութիւնը խլելու կամ գէթ անոնց հաւասարապատիւ մրցակիցներ ըլլալու յաւակնութիւնը կը սնուցանէին։ Անոնցմէ ամէնէն գլխաւորն էր Լամբրոնի իշխանութիւնը, որ երբեմն Ռուբինեան իշխաններուն չափ փայլ ստացած եւ անոնց պէս իր սահմաններուն մէջ վանքեր հաստատած է։ Լամբրոնի տէրերուն սեփականութիւնն էր «Սկեւռայ վանք»ը, որ նշանաւոր ուսումնարան մըն էր ԺԲ. դարուն։ Վանքին հիմնադիրը եւ ծագումը անծանօթ են, բայց կը թուի շինուած ըլլալ Լամբրոնի բերդին հետ. թերեւս գրաւուած վաղեմի յոյն վանք մըն է։ Երկու մասի բաժնուած էր, մին` բուն վանքը, իսկ միւսը` Անապատ կոչուածը։ Վանքին մէջ էր Ս. Աստուածածին եկեղեցին, զոր շինած էր Ներսէս Լամբրոնացիի հայրը` Օշին Բ. իշխան, որ իր զաւակը այս վանքին նուիրած է` անոր հիւանդոտ վիճակին համար3։ Արդեօք ակնարկութիւնը Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մասի՞ն է, երբ գանձակեցի Կիրակոս պատմիչը Ներսէս Լամբրոնացիի մասին կը գրէ, թէ «Շինեաց եւ եկեղեցի հրաշազան ի վանքն, որ կոչի Սկեւռայ, հուպ ի բերդն անառ Լամբրօն...»4 Ականատես ուսումնասէր մը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ վերոյիշեալ վանքը. Սկեւռայի վանքը կը գտնուի հարաւ արեւելեան կողմը` «անմատոյց բերդին Լամբրոնի», գրեթէ ժամուկէս հեռաւորութեան վրայ։ Վանքը ունի երկու եկեղեցիներ եւս, Ս. Խաչ եւ Ս. Նշան անունով։ Պատմութենէն մեզի ծանօթ է որ քրիստոնէական առաջին դարերուն Հայաստանեայց Եկեղեցին կ’ունենար մէկ խորան։ Բիւզանդացիներու ազդեցութեան ներքեւ մեր եկեղեցիները եւս ունեցան յետագային մէկէ աւելի խորաններ, տարբեր անունով սուրբերու յատկացուած, այնպէս որ իմ կարծիքով Սկեւռայի վանքը ունէր մէկ եկեղեցի երեք խորաններով, որոնցմէ երկու խորանները կը կոչուէին Ս. Խաչ եւ Ս. Նշան։ Այս ենթադրութեան կը յանգիմ նկատի ունենալով աւերակուած Սկեւռայի վանքին տարածութիւնը։ Իրականին մէջ ընդարձակ աւերակոյտ մըն է Սկեւռան, բայց կարծես խուցերը եւ հիւրընկալ սենեակները աւելի տարածուն են քան իսկական տաճարը։ Ս. Աստուածածնի ձօնուած Սկեւռայի վանքը յունական ճարտարապետութեան ոչ մէկ հետք կը կրէ...։ Վանքը Հեթումեաններուն ձեռակերտն է եթէ ոչ Օշին Բ. իշխանը, գոնէ Օշին Ա. շինած ըլլալու է զայն, որ միեւնոյն ատեն ընտանեկան դամբարան ըրած...5։ Վանքը հրոյ ճարակ եղած է 1279-1280ին, սակայն յետոյ վերաշինուած է6։

88


¶¿áñ· êÏ»õé³óÇÇ ³Ý³ÝáõÝ í³ñùÁ© ìÇ»ÝݳÛÇ ØËÇóñ»³Ý Ù³ï»Ý³¹³ñ³ÝÇ Ó»é³·Çñ ÃÇõ 7£

89


Լամբրոնի շրջանակին մէջ, Լամբրոնի բերդին մօտ եւ անոր արեւելակողմը կը գտնուէր Սարուանտաքարի իշխաններուն վերատեսչութեան տակ եւ ըստ երեւոյթին Սկեւռայ վանքին հետ կապակցեալ վանք մը` «Արմէն լերան Յովհաննիսի անապատ»ը7։ Սերտ շփման մէջ մտնելով բիւզանդական պալատական շրջանների հետ եւ շատ բանում ընդօրինակելով նրանց, լինելով ժամանակի կուլտուրական մարդկանցից, լամբրոնեան իշխանները թերեւս միւսներից աւելի նպաստեցին կիլիկեան հայկական արուեստի եւ գրականութեան զարգացմանը։ Սա հիմնականում վերաբերում է ԺԲ. դարի վերջին եւ ԺԳ. դարի սկիզբներին, երբ յատկապէս ուժեղանում է լամբրոնեան իշխանների ազդեցութիւնը։ Հէնց այս շրջանում էլ զարգանում է Սկեւռան, որպէս կուլտուրայի կենտրոն։ Լինելով լամբրոնեան իշխանների հոգեւոր եւ կուլտուրայի կենտրոնը, Սկեւռան ԺԲ. դարի երկրորդ կէսից դարձաւ նաեւ կիլիկեան մանրանկարչութեան հիմնական օջախներից մէկը։ Այնտեղ գործել է նաեւ գրչութեան եւ նկարչութեան դպրոց։... Ամենայն հաւանականութեամբ, ԺԲ. դարի առաջին տարիներին Սկեւռայում գրչութեան արուեստն այնքան էլ լայն ծաւալում չի ստանում։ Սակայն ԺԲ. դարի 70-ական թուականներից յետոյ Սկեւռայի գրչատներից դուրս յուշարձանների բարձր արուեստը, որ այնքան խոշոր նշանակութիւն ունեցաւ կիլիկեան մանրանկարչութեան նոր ոճի զարգացման համար, անկասկած ունեցել է իր նախապատրաստական շրջանը...8։ Այստեղ կար յայտնի մատենադարան, որի գրքերից բազմաթիւ օրինակներ մնացել են մինչեւ այժմ9։ Վարքագիրներուն հաւաստումով` ամենայն առաքինութեամբ լի, սակայն հասարակ մարդոց` Առաքելի եւ Մլքէի զաւակ Գէորգ կը ծնի Լամբրոնի անմատոյց դղեակը` Հեթում Ա.ի թագաւորութեան քսաներորդ տարին, այսինքն 1246ին կամ 1247-ին։ Այս պատճառով ստացած է նաեւ Լամբրոնացի մականունը։ Հինգ տարեկանէն սկսեալ, կեանքին մեծ մասը անցուցած է Սկեւռայի մեծ ժողովարանը` դաստիարակուելով նախ իր մօրեղբօրմէ` Գրիգոր Սկեւռացիէն, ապա Մխիթար Սկեւռացի վարդապետէն, երկուքն ալ իրենց դարուն երեւելի կրօնաւորներ։ Ս. Գիրքի մեկնութեան, գրչութեան արուեստի եւ արտաքին գիտութիւններու մէջ ալ հմտութիւն ձեռք բերելէ ետք, հալածանքներու պատճառով Գէորգ կը ստիպուի հեռանալ Սկեւռայէն եւ ուսումը կատարելագործելու համար կը շրջի Հայաստանի քանի մը անուանի վանքերը։ Վերադարձին, տարիներ շարունակ այլ եւ այլ շրջաններ այցելելով քարոզած է, դառնալով իր ժամանակին քաղցրախօս եւ քաջաբառ հռետորներէն մէկը։ Իր հիացողներուն ստիպումով` վարդապետած է Սկեւռայի վանքին մէջ, ուր հեղինակած է իր աշխատութիւններուն մէկ մասը։

90


ԺԳ. դարի կէսերից եւ ԺԴ. դարում, շնորհիւ արտաքին քաղաքական աննպաստ հանգամանքների, նկատելիօրէն թուլանում են Կիլիկիայի հայկական պետութեան դիրքերը։ Օգտուելով ստեղծուած վիճակից Հռոմի պապական եկեղեցին ուժեղացնում է իր ճնշումը Կիլիկիայի հայկական թագաւորութեան եւ եկեղեցու վրայ, նպատակ ունենալով հասնել հայ եւ հռոմէական եկեղեցիների միութեան եւ այդ միջոցով Կիլիկիան վերածել Հռոմի պապից վասալական կախման մէջ գտնուող իշխանութեան` ի պաշտպանութիւն արեւելքում պապի քաղաքական եւ տնտեսական շահերի։ Սակայն այս քաղաքականութիւնը սկիզբից եւեթ թէ Հայաստանում եւ թէ Կիլիկիայում հանդիպում է ուժեղ դիմադրութեան։ Հայրենասէր ուժերը միարարութեան մէջ տեսնում էին ոչ միայն մահացու վտանգ` ընդդէմ հայկական ինքնուրոյն եկեղեցու, որը հայկական իրականութեան ծանր պայմաններում ազգապահպանման հիմնական գործօններից մէկն էր, այլեւ հայկական պետականութեան եւ հայ ժողովրդի գոյութեան10։ Հայրենասէր ուժերու պարագլուխներէն մէկը կ’ըլլայ Գէորգ Սկեւռացին, որ կրօնական հարցերու առընչութեամբ քանի բախումներ ունենալէ ետք, կը հարկադրուի քաշուիլ Արմէնի անապատը, ուր կը մահանայ 1301 Յունուար 11-ին։ Երկրորդ մասը` բնագիր եւ թարգմանութիւն։ Ա.- Մովսէս Երզնկացիի ներբողեանը. հեղինակը, ներբողեանի բովանդակութիւնը, ներկայ հրատարակութեան պարագաները (էջ 27-29) ներկայացնելէ ետք, Բրիտանական Թանգարանի տնօրէնութեան արտօնութեամբ, լոյս կը տեսնէ ներբողեանի բնագրին առաջին ամբողջական հրատարակութիւնը (էջ 30-40), ֆրանսերէն թարգմանութիւնը (էջ 41-50)։ Երախտաւոր ուսուցիչին յիշատակին` երախտապարտ աշակերտէ մը գրի առնուած դրուատիքի հարիւրեակ մը արտայայտութիւններէն կը կազմենք հետեւեալ փունջը. արին եւ վեհն եւ հռչակաւորն յամենայնի, սրբասէր անձն, լուսաւոր միտքն, մաքուր մարմինն, բազմաց գերագոյնն, յոքունց վեհագոյնն, անհամեմատն յարդեան ժամանակիս, սրբոց պարակիցն, գերագունից դասակիցն, վեհագունից կաճառակիցն, արդարոց խմբակիցն, քանոնն հաւատոյ, լին շնորհաւք աստուածայնովք, ահարկուն անուղղայից, սիւնն հաւատոյ, պատուական պարծանքն ազգիս Աբեթական, գովելի որդին գրոհիս հայկազեան։ Բ.- Մատենադարանի թիւ 8356 ձեռագրի անանուն հեղինակին վարքը. հեղինակին եւ ժամանակին, բովանդակութեան, անանուն վարքին եւ Մովսէս Երզնկացիի ներբողեանին, ոճին, բնագրին եւ թարգմանութեան մասին բանասիրական քննարկումին (էջ 51-56) կը յաջորդէ թարգմանութիւնը (էջ 57-103)։ Բնագիրը հրատարակած է Էդուարդ Բաղդասարեան (Բանբեր Մատենադարանի, թիւ 7, 1964, էջ 410-433)։ Գ.- Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանի թիւ 7 ձեռագրին անանուն վարքը. բովանդակութիւնը եւ ձեռագիրը քննուելէ ետք (էջ 104-105), կը տրուի բնագիրը (էջ 106-109), ապա թարգմանութիւնը (էջ 110-113)։

91


Բնագիրները եւ անոնց թարգմանութիւնը հատուածներու բաժնուած եւ թուագրուած են, իսկ բ. վարքին հատուածներուն` խորագիրներ դրուած են թարգմանիչին կողմէ։ Թարգմանութիւնը կատարուած է սահուն եւ հաճելի լեզուով, բայց կարելի է տեղ տեղ բնագրին անհամապատասխան դարձուածքներու հանդիպիլ։ Հատորը ճոխացած է փայլուն թուղթի վրայ տպուած` նիւթին առընչութեամբ ութ պատկերներով։ Առաջին պատկերը մանրանկար մըն է` Գէորգ Սկեւռացին իր աշակերտներով շրջապատուած, դասաւանդութեան պահուն։ Կը խորհինք, որ Ս. Յակոբեանց Միաբանութեան Ձեռագրաց մատենադարանի տնօրէնութիւնը` հայկական մանրանկարչութեան երկրպագուներուն մեծ վայելք մը պիտի պատճառէր, եթէ Սկեւռացիի մանրանկարին գունաւոր վերարտադրութեան իրաւունքը շնորհէր այս հատորի հրատարակիչին, նկատի ունենալով` որ կատարուած աշխատանքը եւրոպացի ուսումնասէրին պիտի մատուցուի առաւելաբար։ Հատորը իր ամբողջութեան մէջ կարեւոր է. կը ծառայէ որպէս ԺԳ. դարուն Կիլիկիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու սկզբնաղբիւր, արքունական կեանքի եւ հոգեւորականներու բարքին ուսումնասիրութեան աղբիւր։ Հ. Վենսան հայ բանասիրութեան մէջ նոր երախտաւոր մըն է, իր աշխատասիրութեամբ` կրնանք անվարան ըսել, «անհամեմատն յարդին ժամանակիս»։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 31 Յուլիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.285 1 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.286 2 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.287 3 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.288

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. ‘Trois Biographies de Georges de Shevra’, Présentation, texte et traduction de P. Vincent Mistrih, O. F. M. (Extrait de Collectaena, No. 14), Editions du Centre Françiscain d’Etudes Orientales Chrétiennes, Le Caire, 1970, 122 p. 2. Վարքագրութեան մասին շահեկան կը գտնենք հետեւեալ ծանօթութիւնը. Միջնադարեան հայկական արձակ գրականութեան հարուստ մասերից մէկն է կազմում վարքագրութիւնը։ Հայկական վարքագրութիւնը ծունդ է առնում Ե. դարից, երբ գրւում են Գրիգոր Լուսաւորչի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ այլոց վարքերը։ Սակայն իր նշանակութեամբ եւ արժէքով, ինչպէս Ե. դարի, այնպէս էլ յետագայ բոլոր ժամանակների համար առանձնայատուկ նշանակութիւն է ունեցել Կորիւնի Վարք Մաշտոցի հոյակապ գործը։ Վարք Մաշտոցին նուիրուած լինելով մեր մեծ երախտաւորի կեանքին եւ գործունէութեանը եւ հարազատօրէն պատկերելով Ե. դ. հերոսական եւ վշտալից պահերով լի իրականութիւնը, դարձել է միջնադարի մեր ամենասիրուած գրքերից մէկը, հայ գրականութեան

92


մէջ ուղի հարթելով գրական նոր տեսակի երկերի` կենսագրականների երեւան գալուն։ Վերջիններս շատ բանով տարբերւում են սրբերի սովորական վարքերից ու վկայաբանութիւններից հարազատօրէն պատկերելով իրականութիւնը եւ պատմական դէմքերը։ ... Կենսագրական այդպիսի երկերի թուին է պատկանում ԺԳ. դարի նշանաւոր գիտնական, ուսուցիչ, հասարակական քաղաքական գործիչ Գէորգ Սկեւռացու կեանքին եւ գործունէութեանը նուիրուած երկասիրութիւնը։ Էդուարդ Բաղդասարեան, «Գէորգ Ակեւռացու Վարքը», Բանբեր Մատենադարանի, թիւ 7, 1964, էջ 399։ 3. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ դպրոցի, Գահիրէ, 1946, Ա. հտ., էջ 207-208։ 4. Պատմութիւն հայոց, աշխատասիրութեամբ Կ. Ա. Մելիք-Օհանջանեանի, Երեւան, 1961, էջ 111։ 5. Տոքթ. Յ. Տէր Ղազարեան, «Ս. Աստուածածնի նուիրուած վանքեր Կիլիկիոյ մէջ», Բազմավէպ, բացառիկ թիւ նուիրուած Ս. Կոյսին Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակման առաջին դարադարձին, 1954, թիւ 3, էջ 126-127։ 6. Ալպօյաճեան, նշ. աշխ., էջ 211։ 7. Նոյն տեղը` 212։ 8. Լ. Ռ. Ազարեան, Կիլիկեան մանրանկարչութիւնը ԺԲ-ԺԳ դդ., Երեւան,1964, էջ 5253, 54։ 9. Ա. Խ. Մովսիսեան, Ուրուագծեր հայ դպրոցի եւ մանկավարժութեան պատմութեան (Ժ-ԺԵ դարեր), Երեւան, 1958, էջ 316։ 10. Բաղդասարեան, նշ. աշխ., էջ 400։

93


ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԻ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՈԻՄԻ ՊԱՏՄՈԻԹԻՒՆԸ

Քառորդ դար անցած է այն երջանիկ օրերէն, երբ բազմահազար հայրենակարօտ եգիպտահայերու ալ առաջին անգամ պատեհութիւն տրուեցաւ հայրենիքի վերակառուցումի ընդհանուր աշխատանքներուն մասնակից ըլլալու։ Նոր սերունդը` հայրենի գիտնականներուն հոգատարութեամբ, լուրջ պատրաստութենէ ետք միայն լծուեցաւ վերելքի գործին։ Այսօր, այդ սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը` Վանուհի Լ. Աճէմեանը, գիտնականի ամպիոնէն մեզի կը պատմէ արեւմտեան գրական հայերէնի կազմաւորումի եւ զարգացումի ընթացքը` սկսելով ԺԸ. դարէն մինչեւ 1870 թուականը։ Մենագրութիւնը լոյս տեսած է անցեալ տարի` Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիայի Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի Ինստիտուտին կողմէ, Գ. Բ. Ջահուկեանի խմբագրութեամբ, Գրական արեւմտահայերէնի ձեւաւորումը տիտղոսով։ Շատ համեստ խորագրի մը ներքեւ` կը տեսնենք նոյնքան շատ սպառիչ աշխատանք մը, երբ սկսինք թղթատել` ապա ուշադրութեամբ տող առ տող կարդալ այս կոկիկ հատորը։ Ցոյց տալու համար մայրենի լեզուին հանդէպ սնուցուած սէրը եւ հեղինակին գիտական բարեխղճութեան տարողութիւնը, կը բաւէ ըսել` թէ այս աշխատութիւնը ծնունդ առած է հազարաւոր հատորներու օգտագործումով։ Անցնող տասնամեակին` հայագիտական կարեւոր հանդէսներու մէջ հրապարակուած էին Վ. Աճէմեանի արեւմտահայ աշխարհաբարը շրջան առ շրջան հետազօտող աշխատութիւնները, որոնց ամփոփումը կը թուի ըլլալ ներկայ մենագրութիւնը։ «Հայագիտութեան կարեւոր բնագաւառներից մէկը գրական հայերէնի պատմութիւնն է», կը գրէ Վ. Աճէմեան, ապա կը սահմանէ գրական եւ գրաւոր լեզուի նրբութիւնները. յետոյ համառօտ տեսութեամբ մը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի եւ «գրապայքար»ի պատմութեան հետ առընչութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւնները, որոնք ընդհանուր կերպով քննուած ըլլալուն` «զգալի է մնացել գրական արեւմտահայերէնի կազմաւորման ու նորմաւորման, արեւմտահայ գրողների, քերականագէտների եւ բառարանագէտների լեզուամշակման ուղղութեամբ կատարած աշխատանքի, ինչպէս նաեւ «գրապայքար»ի սկզբնաւորման եւ ընթացքի հարցերի խոր եւ համակողմանի ուսումնասիրման

94


պահանջը»։ Քանի մը խօսքով կը պարզէ գրական արեւմտահայերէնի բարբառային հիմքի հարցը. Ամէնից աւելի լայն տարածում ունի այն տեսակէտը, որ գրական արեւմտահայերէնի հիմքը Պոլսի բարբառն է։ Այդ տեսակէտի ամենայայտնի ներկայացուցիչները` Ա. Չօպանեանը, Յ. Գազանճեանը, Հ. Աճառեանը, միաժամանակ Պոլսի բարբառը քերականական տեսակէտից մօտ են համարում Արեւմտեան Հայաստանի եւ Փոքր Ասիայի հայկական բարբառներին։ Հ. Աճառեանը շեշտում է նաեւ նրա մերձաւորութիւնը Նոր Նախիջեւանի բարբառին։ Հեղինակը իր քննութիւններուն վրայ յենլով` կ’եզրակացնէ, թէ «աւելի ճիշտ կը լինի ընդգծել, որ Պոլսի բարբառը գրական լեզուի հիմք վերցուեց իր ընդհանրացած ձեւի տակ. այդ ձեւն է, որ Պաղտասար Դպիրը անուանում է «քաղաքական» կամ «ատենական» լեզու, ի տարբերութիւն «քերթողականի», այսինքն` գրաբարի, եւ «գռեհկականի» կամ «գիւղականի», այսինքն` բարբառների։ ... Այս «քաղաքական» լեզուն, որ տարբերւում է Պոլսի բարբառից նեղ բարբառային որոշ կողմերի բացակայութեամբ, յատկանշւում է իր առաւել ընդհանուր գծերով Փոքր Ասիայի միւս հայկական բարբառների հետ։ ... Պէտք է կարծել, որ Պոլսի այս «քաղաքական» խօսակցական լեզուից է բխում գրական լեզուի արտասանութիւնը»։ (Առաջաբան, էջ 5-12)։ Փորձենք ուրուագիծերու մէջ ներկայացնել` Գլուխ առաջին. Արեւմտահայութեան մշակութային գլխաւոր կենտրոնները. Գրաբարի եւ Աշխարհաբարի գործածութեան շրջանակները 1700-1840 թթ. (էջ 13-37)։ Քաղաքական եւ մշակութային իրադարձութիւնները զուգակշռող թռչնաթիռ ակնարկէն կը ջոկենք յատկանշական գաղափարները. Պոլիս ԺԵ. դարու կէսէն սկսած է հայկական կարեւոր գաղթօճախներէն մէկը դառնալ։ Ֆաթիհ Մեհմէտ սուլթանի թոյլտուութեամբ` 1461-ին կը հիմնուի Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը` իրադարձութիւն մը, որ կը նպաստէ այդ քաղաքը արեւմտահայութեան մշակութային կեանքի առանցքը ղարձնելու։ Պատահական չէ, որ նման կեդրոններ չդարձան ոչ կաթողիկոսանիստ Աղթամարը կամ Սիսը, ոչ ալ Երուսաղէմը` ուր 1311-էն պատրիարքական աթոռ հաստատուած էր։ ԺԷ. դարուն Պոլիս արեւմտահայ հասարակական կեանքի կեդրոնն էր։ Արեւմտահայութեան մտաւորական զարթօնքը` այդ դարուն տակաւին խմորումի շրջանին մէջ է, իր որոշակի կեդրոնները չունի։ Այդ ժամանակ գրաճանաչութեան եւ գիտական միտքի օճախներ են` Ամլորդւոյ վանքը, Սիւնեաց մեծ անապատի եւ Լիմ կղզիի դպրոցները։

95


ԺԸ. դարուն արեւմտահայութեան մշակութային կեանքը զգալիօրէն կ’աշխուժանայ Պոլսոյ եւ Վենետիկի մէջ. հրատարակուած գիրքերու քանակով` Պոլիս առաջնութիւն կը ստանայ։ Ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքը խթանելու նպատակով` ԺԷ. դարու վերջերը կը սկսին մեր մատենագիրներու գործերուն հրատարակութեան։ Սակայն, գրաբարը շատոնց դադրած էր ժողովուրդի լայն զանգուածին հասկնալի ըլլալէ. ատոր ապացոյցը` միջնադարեան «ռամկօրէն»ի գրականութեան ասպարէզ մուտքն է։ Գրաբարին դժուարամատչելի ըլլալը կը մտահոգէ գրաբարով ոգեւորուողներուն. Մխիթար Սեբաստացին` «ստիպեցեալ ի թախանձանաց», կը յօրինէ արեւմտահայերէնի առաջին քերականութիւնը։ Ինչպէս նախորդ դարերուն միջին հայերէնի` այնպէս ալ այս շրջանին աշխարհաբարի օգտագործումին նպատակն է դիւրահասկնալի լեզուով գրականութիւն տալ ժողովուրդին։ Բայց, աշխարհաբարը միայն երկրորդական գրաւոր լեզու է ԺԸ. դարուն. առաջնութիւնը կը պատկանի գրաբարին։ Նոր լեզուի գործածութեան շրջանակները զգալիօրէն կ’ընդարձակուին ԺԹ. դարու առաջին տասնամեակներէն սկսեալ. ատիկա կապ ունէր դարուն աշխարհականացումի ոգիին հետ, որ ֆրանսական յեղափոխութենէն յետոյ կը տարածուէր ամէնուրեք, մուտք գործելով նոյնիսկ յետամնաց Թուրքիա` յատկապէս Կ. Պոլիս։ Հայ միտքը եւ կեանքը նորոգելու ձգտումը` արեւմտահայ գործիչներուն կը ստիպէ ժողովուրդին մէջ ուսում եւ գիտութիւն տարածելու մասին մտածել առաջին հերթին։ Մխիթարեաններու հրատարակած դասագիրքերը կը վկայեն` թէ բացի կրօնականէն, իրենց վարժարանները կը հետապնդէին ազգասիրական եւ լուսաւորչական նպատակներ։ Կրթական շարժումին հետ կ’ընդարձակուի նաեւ տպագրական գործը։ Պոլիսէն, Վենետիկէն, Վիեննայէն ետք` ԺԹ. դարու առաջին տասնամեակներուն, արեւմտահայութեան մտաւորական օճախներու շարքը կ’անցնի Զմիւռնիան։ ԺԹ. դարուն` աշխարհաբարը դուրս կու գայ երկրորդական գրաւոր լեզուի սահմաններէն։ 1794-96 տարիներուն` Մատրասի մէջ Ազդարար ամսագրի գրաբար հրատարակութենէն վերջ, Վենետիկի մէջ աշխարհաբարով սկիզբ կ’առնէ եւ կը զարգանայ արեւմտահայ հրապարակագրութիւնը` Հ. Ղուկաս Ինճիճեանի նախաձեռնութեամբ։ Այսպէս` հանրամատչելի աշխարհաբարը կը դառնայ հրապարակագրական լեզու։ Միաժամանակ, աշխարհաբարը կ’օգտագործուի որպէս թատերագրութեան եւ գեղարուեստական թարգմանութեան լեզու։ ԺԹ. դարու առաջին չորս տասնամեակներուն` թէեւ աշխարհաբարի քերականութիւն չէ գրուած եւ դպրոցներուն մէջ ալ չէ աւանդուած, սակայն, ընդհանուր ուսուցումը աշխարհաբարով կատարելու նպատակայարմար ըլլալը զգալի դարձած է։ Այս շրջանի քերականագէտները աշխարհաբարը կը նկատեն գրաբար ուսուցանելու միջոց։ Վիեննական Մխիթարեաններէն` Հ. Պօղոս Յովնանեան, որ

96


աշխարհաբարի ջերմ համակիրներէն եղած է, կը գրէ. Աշխարհաբառը որչափ որ մաքուր է, այնչափ գրաբառին մօտիկ է, անոր համար հայոց ազգէն շատերը, որոնք որ մաքուր աշխարհաբառ կը խօսին, կրնան դիւրին գրաբառ գրքերը հասկնալ։ Իբրեւ եզրակացութիւն` մինչեւ ԺԹ. դարի կէսերը, հայ մտաւորական կեանքում առաջատար դեր խաղացող Մխիթարեանները փաստօրէն նպաստում են արեւմտահայութիւնը օժտելու միմեանց մրցակից երկու գրական լեզուներով, որոնցից մէկի առաւելութիւնն էր իր պատմական հնութիւնն ու ճոխութիւնը, միւսինը` ժողովրդին մատչելի լինելը։ Գլուխ երկրորդ. Գրական արեւմտահայերէնի կազմաւորման ընթացքը 17001840 թթ. (էջ 38-101)։ Կրկնելով Գ. Ջահուկեանի տեսակէտը` Վ. Աճէմեան կը գրէ, թէ ԺԸ. դարէն մինչեւ ԺԹ. դարու կէսերը երկարող ժամանակաշրջանը «հայ լեզուաբանութեան մէջ համարուել է աշխարհաբարի տարերային զարգացման շրջան, որի ընթացքում ի յայտ են գալիս որոշակի միասնականացնող ձգտումներ»։ Խօսակցական զանազան բարբառներէն` նախապատուութիւնը կը ստանայ Փոքր Ասիոյ աշխարհաբարը, մասնաւորաբար Պոլիս խօսուած լեզուն, պայմանաւորուած` Կ. Պոլսոյ գաղութի եւ Մխիթարեաններու խաղացած առաջատար դերով։ Մանրամասն քննութեամբ ներկայացուած են ԺԸ. դարու հայ լեզուաբանութեան ականաւոր ներկայացուցիչներ` Մխիթար Սեբաստացիի եւ անոր աշակերտներուն լեզուաբանական միտքի կարեւորագոյն արտայայտութիւնները, որոնց հիման վրայ` հեղինակը հետեւեալ կերպով կը բնորոշէ ԺԸ. դարու Կ. Պոլսոյ խօսակցական հայերէնը. 1. Ձեւաբանական տեսակէտից եւ հնչիւնաբանական որոշ կողմերով այն միջին գրական հայերէնի ժառանգն է։ 2. Ունի Փոքր Ասիայի մի շարք բարբառների ընդհանուր առանձնայատկութիւնները։ 3. Աչքի է ընկնում հնչիւնաբանական եւ քերականական ձեւերի բազմազանութեամբ, որ արդիւնք է Կ. Պոլսոյ բնակչութեան խայտաբղէտութեան։ 4. Ժողովրդական որոշ շրջաններում ծանրարեռնուած է թուրքերէնի միջոցով մուտք գործած օտար բառերով (էջ 51)։ Այդ դարուն աշխարհաբարով կը գրուին կրօնական, առօրեայ-գործնական, յուշագրական, ժամանակագրական աշխատութիւններ, դասագիրքեր, որոնց մէջ

97


որեւէ գաւառաբարբառի ընտրութեան յիշատակութիւն չկայ, իսկ հեղինակներն ալ պոլսեցի են կամ Փոքր Ասիոյ զանազան վայրեր ծնած եւ Պոլիս հաստատուած հայեր։ Մէկուկէս դարու ընթացքին գրական արեւմտահայերէնի կազմաւորումի առանձնայատկութիւնները կ’ամփոփէ հետեւեալ ձեւով. քաղաքական-հասարակական պայմաններու բերումով` կրօնական, հրապարակագրական, գիտական, գեղարուեստական գրականութեան եւ դասագիրքերու լեզուն կ’ընդհանրանայ Պոլսոյ խօսակցական լեզուի հիմքին վրայ։ Լեզուին մշակումը կը կատարուի միասնական նորմաւորման գաղափարի բացակայութեան պայմաններու մէջ։ Գրական լեզուին բնորոշ կը մնայ անմիօրինակութիւնը։ Գլուխ երրորղ. Արեւմտահայութեան մշակութային կեանքը 1840-1870 թթ. Գրապայքար (էջ 102-168)։ Թուելէ ետք հասարակական, կրթական, մշակութային կեանքի կրած փոփոխութիւնները, հեղինակը առարկայական մօտեցումով` կը ներկայացնէ, թէ երբ եւ ինչպէս ծագում առաւ գրապայքարը (կամ լեզուապայքարը), եւ թէ յաջորդական ինչ փուլերէ անցաւ յիսնամեակի մը ընթացքին։ ԺԸ. դարու երկրորդ կէսէն եւ ԺԹ. դարու սկիզբէն, բազմաթիւ հեղինակներ կը պատճառաբանեն, թէ ինչու աշխարհաբարով կը գրեն. ատիկա կը վկայէ նոր լեզուի օգտագործումին հանդէպ ցուցաբերուած որոշ ընդդիմութիւնը։ Հակառակ այդ իրողութեան, աշխարհաբարի գործածութեան շրջանակները կ’ընդարձակուին` որովհետեւ ան կը նպասստէր հասարակ խաւերու միտքի մակարդակի բարձրացումին եւ կրօնական գաղափարներու ժողովրդականացումին։ Մինչեւ 40-ական թուականները` աշխարհաբարը եւ գրաբարը ճանչցուած են որպէս զուգահեռ գրական լեզուներ։ Գրաբարեաններու կողմէ ընդդիմութիւնը կ’ուժեղանայ 40-ական թուականներու սկիզրը, երբ «հասարակաց» լեզուի պաշտօնական ճանաչումի անհրաժեշտութիւնը զգալի կ’ըլլայ։ Աշխարհաբարը կազմակերպուած մշակումի ենթարկելու պահանջը կը բորբոքէ հին եւ նոր լեզուներու կողմնակիցներուն միջեւ եղած պայքարը։ Ամփոփ` բայց յստակ կերպով ճշտուած են գրապայքարի առաջին տարիներէն իսկ ի յայտ եկած տարամիտումները։ Լեզուների սկզբնական` կատարեալ ձեւերից հետզհետէ աղաւաղուած ձեւերի անցման տեսակէտը, որ լեզուաբանութեան մէջ ԺԹ. դարի առաջին տասնամեակներին դեռեւս տեղ էր գտնում, չէր կարող իր կնիքը չդնել այդ շրջանում հայ իրականութեան մէջ նոր գրական լեզուի շուրջը սկսուած վիճաբանութեան վրայ (էջ 117)։ Աշխարհաբարը կանոնաւորելու մասին` 1843-ին, ուշագրաւ յօդուածներ լոյս

98


կը տեսնեն Բազմավէպի, Արշալոյս Արարատեանի եւ Հայրենասէրի մէջ։ Երբ աշխարհաբարը հասարակաց լեզու դարձնելու կարելիութիւնները կ’ուսումնասիրուէին, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան հայկաբաններուն պրպտումի առանցքը այն էր, թէ ո՞ր շրջանի գրաբարը պէտք է վերակենդանացնել հայ գրականութեան մէջ։ Հանգամանօրէն վերլուծուած են Գրիգոր Օտեանի 1851-ին հրատարակած Առաջարկութիւն աշխարհաբար լեզուն կանոնաւորել եւ հասարակաց լեզու ընելու վրայ գրքոյկը եւ երկու տարի ետք լոյս տեսած Ուղղախօսութիւն արդի հայ լեզուին` Նահապետ Ռուսինեանի աշխատութիւնը, Նիկողայոս Զօրայեանի, Կարապետ Իւթիւճեանի եւ ուրիշներու հակընդդէմ կարծիքները։ Կարեւոր վկայութիւն մըն է` 1856-ին Եւրոպա շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած, աշխարհաբարի ախոյեան` Հ. Արսէն Այտընեանի կարծիքը. Արդէն բացայայտ կը տեսնուի, որ հայ միտքերը գրաբառասէր ու աշխարհաբառասէրներու բաժնուած են. ասիկա ալ պէտք է որ ըլլայ, որովհետեւ ամէն մտաւոր յառաջադիմութիւն յետաշրջութիւն մ’ալ հետը կը բերէ, ինչպէս որ ամէն սերունդ իր երիտասարդն ու ծերը հետը ունի, որով միանգամայն զօրաւոր է ու քիչ մոլորական. բայց յայտնի է, որ ծերը երիտասարդին երբ եւ իցէ տեղի տալու ստիպուած է։ Մէյ մը որ բարձր ու մեծ հանճարներ իրենց գրիչը աշխարհաբառին մէջ թաթխելու ըլլան, ալ անկէ ետեւ աշխարհաբառին կոշտ կեղեւանքը իյնալով գրաբառին երեւակայեալ անզուգականութիւնն ալ կ’իյնայ, որով եւ կ’իմացուի, որ ինչպէս լեզու մը ցածէն սկսելով աւելի բարձր կ’ելլայ ու հաստատուն կը մնայ։ Շատ համառօտ բայց համապարփակ քննութեամբ ներկայացուած են Քիրէճճեանի, Այտընեանի եւ Փափազեանի արեւմտահայերէնի քերականութեան նուիրուած առաջին ձեռնարկները։ Գլուխ չորրորդ. Գրական արեւմտահայերէնի բառապաշարի մշակման հարցերը 1840-1870 թթ. (էջ 169-211)։ Գրապայքարի առանցքը եղած է ոչ միայն աշխարհաբարի տեսական պաշտպանութիւնը, այլ նաեւ նոր գրական լեզուի մշակումի խնդիրը` որուն իրականացումին համար, ժամանակի գրականութեան մէջ նկատի առնուած են հիմնական երեք միջոցներ` գրաբարի բառագանձի օգտագործում, նորակազմութիւններ եւ գիտական բառերու փոխառութիւն։ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը` 1855 Յունուար 25-ի պաշտօնագրով կը յայտարարէ. Մեր ազգին աշխարհաբառ լեզուին հիմը գրաբառն է, եւ հիմակու աշխարհաբառ լեզունուս անկարգութիւնն ու անհամութիւնը մէջի օտար բառերն են։ Ուստի անոր մաքրութեանը եւ գեղեցկութեանը օգնել ուզողը միայն պէտք է, որ անոր մէջէն օտար ու խորթ բառերն ու ոճերը դուրս ձգէ, ու հնար եղածին չափ անոնց տեղը գրաբառ բառեր ու ոճեր մտցնելով`

99


գործածած լեզունիս մեր երանաշնորհ նախնեաց բուն լեզուին մօտեցնէ։ Ահա այս է այս խնդրոյն վրայ ազգին կամքը եւ պարտքը եւ այս պէտք է որ ըլլայ բոլոր ուսումնականաց ալ ջանքը ի պատիւ ազգին։ Մանրամասն տրուած են գրական լեզուին մէջ գործածուած բազմաթիւ գրաբար բառեր` իրենց բուն գրաբարեան իմաստով, այժմ անգործածական կամ հազուադէպ գործածուող գրաբար բառեր, դարձուածքներ, բարբառային ձեւեր, օտարաբանութիւններ։ Բառախուզական մանրակրկիտ ուսումնասիրութեամբ` հեղինակը կը յանգի հետեւեալ եզրակացութեան. Ա. Գրական լեզւում թուրքերէն բառերի օգտագործման դէմ պայքարը հետեւողական կերպով մղւում էր այն ժամանակ, երբ ժողովրդի խօսակցական լեզուն ընդհանուր առմամբ մնում էր այդ կարգի բառերով խճողուած։ Մաքուր աշխարհաբարով են հրատարակւում Բազմավէպ, Եւրոպա, Մասիս, Հայրենասէր, Արշալոյս Արարատեան եւ այլ պարբերականներ, նաեւ բազմաթիւ ինքնուրոյն կամ թարգմանուած գիտական, գեղարուեստական երկեր, դասագրքեր...։ Բ. Ինչպէս տեսականում, այնպէս էլ գործնականում, արեւմտահայ մտաւորականութեան մեծամասնութիւնը դէմ չէ եղել այն բանին, որ նորագոյն գիտական տերմինները անհրաժեշտութեան դէպքում եւրոպական լեզուներից փոխ առնուեն (էջ 205, 206)։ Գլուխ հինգերորդ. Գրական արեւմտահայերէնի քերականական կանոնաւորման ընթացքը, 1840-1870 թթ. (էջ 212-277)։ Մխիթար Սեբաստացիի քերականութեան հրատարակուելէն (1727) մինչեւ ԺԹ. դարու կէսերը` գրական արեւմտահայերէնի գործածութեան շրջանակները կ’ընդարձակուին, կը դառնայ հրապարակագրութեան, թատերագրութեան, գիտական, գեղարուեստական, կրօնական գրականութեան եւ դասագիրքերու լեզու։ Այդ ամբողջ շրջանին` աշխարհաբարի քերականական կառուցուածքին եւ նորմաւորմանը վերաբերող ուսումնասիրութիւններ չկան։ ԺԹ. դարու 40-ական թուականներէն սկսեալ, յաճախ ակնարկութիւն կ’ըլլայ աշխարհաբարի քերականական կանոններու մշակումին, քերականական ընդհանուր ուղեցոյցի կարիքին վրայ։ Ջանքեր կը թափուին արեւմտահայերէնի քերականական գիտակցական նորմաւորումի ուղղութեամբ։ Հոլովաձեւերու, խոնարհումի եւ ձեւաբանութեան բնագաւառի այլ բաժիններու քննարկումէն ետք, հեղինակը կ’եզրակացնէ, թէ «քերականութիւնները հիմք ծառայեցին արեւմտահայերէնի յետագայ քերականագիտական ուսումնասիրութիւններին։ Այդ տեսակէտից կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ յատկապէս Արսէն Այտընեանի քերականութիւնը, որ աչքի է ընկնում իր պատմական

100


բնոյթով եւ գիտական բարձր արժէքով»։ Համառօտագրութիւններով (էջ 278-282) եւ օգտագործուած աղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկով (էջ 283-292) կը փակուի այս շնորհաւորելի աշխատութիւնը։ Մեր լեզուին գիտական պատմութեան ծանօթանալ ուզողները պէտք է անպայման կարդան այս ուսումնասիրութիւնը։ Հայերէն լեզուի ուսուցիչներուն եւ խմբագիրներուն ալ յանձնարարելի հատոր մըն է։ Ըստ երեւոյթին` ներկայ մենագրութիւնը ընդարձակ աշխատութեան մը մէկ մասն է. ազնուափայլ հեղինակին կը մաղթենք անսպառ եռանդ` յաջողութեամբ պսակելու համար իր մեծ ձեռնարկը։ Արեւի ընթերցողները դիւրաւ պիտի կռահեն, թէ Վանուհի Լ. Աճէմեանը դուստրն է` հասարակական գործիչ, Փունջի խմբագիր եւ մեզմէ շատերուն պատմութեան սիրելի ուսուցիչին` Լեւոն Աճէմեանի։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 21 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.303 22 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.304 23 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.305

101


Ե.-ԺԷ. ԴԱՐԵՐՈՒ ՀԱՅ ՄԱՏԵՆԱԳԻՐՆԵՐԸ

Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ամէնէն բեղուն անդամը` Նորայր Եպս. Պողարեան, երկար տարիներէ ի վեր, կը պատրաստէ եւ կը հրատարակէ Երուսաղէմի միաբաններուն հոգածութեան յանձնուած հազարաւոր հայերէն ձեռագիրներուն ցուցակները։ Այդ հատորներուն պատրաստութեան առընթեր, եւ մատենագրութեան դասերուն համար գրի առնուած էջերը` ինչպէս կը տեղեկանանք Գերաշնորհ հեղինակին «Բացատրական» քանի մը տողերէն, անցեալ տարուան վերջերը ամփոփուած են Հայ գրողներ տիտղոսով հատորին մէջ, որ լոյս տեսած է նոյն միաբանութեան տպարանէն։ Կոկիկ եւ գործնական ծաւալով այս հատորին մէջ, հերթով հանդէս կու գան Ե.-ԺԷ. դարերուն ապրած` 153 անուանի կամ բոլորովին անծանօթ մատենագիրներ։ Իւրաքանչիւր մատենագիր ներկայացուած է շատ սեղմ գիծերու մէջ. յաճախ կողմնակի աղբիւրներէ ճշտուած են հեղինակի մը ծննդեան կամ մահուան թուականները, հեղինակային հարազատութեան կամ կասկածելի ըլլալու պարագաները։ Մատենագիրնեու լեզուին եւ ոճին մասին դոյզն գաղափար ունենալու համար` Պողարեան սրբազան ընտրած է յարմարագոյն հատուածներ, երբեմն անոնց կցելով դժուար հասկնալի բառերու ցանկեր։ Բանասէրներու համար օգտակար ուղեցոյց մը կրնայ ըլլալ այս աշխատութիւնը, ուր կարելի է մատենագիտական գոհացուցիչ տեղեկութիւններ գտնել հեղինակի մը այս կամ այն աշխատութեան` տպուած կամ տակաւին անտիպ մնալուն մասին։ Տասնամեակներու համար` ուսումնասիրութեան, մանաւանդ հրատարակութեան անսպառ նիւթ կրնայ հայթայթել Երուսաղէմի ձեռագիրներու հաւաքածոն։ Հայ գրողներու մասին ակնարկները կը սկսին Ոսկեդարը ներկայացնող դէմքերով. բնական է, որ անոնց առաջինը նուիրուած ըլլայ Հայ մատենագրութեան հիմնադիր Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին։ Չհասկցանք` թէ ինչու Պողարեան սրբազան Մաշտոցի ծննդեան տարի կը նշանակէ «շուրջ 355» եւ գիրերու գիւտին համար «404» թուականները։ Բացատրելի կը մնայ, թէ ինչու մեր առաջին պատմագիրները` Ագաթանգեղոս եւ Փաւստոս Բիւզանդ առանձին ակնարկներով չեն ներկայացուած, այլ յիշուած են Կորիւն Վարդապետի վերագրուող երկերու շարքին (էջ 12)։ Թերեւս, Գերաշնորհ հեղինակին ըմբռնումով` ակնարկուած պատմագիրները «օտարազգի» են։ Կը խորհինք, որ նման պարագայ մը պէտք է

102


նկատել աղուան հայագէտ Մովսէս Կաղանկատուացին, որուն մասին բաւական մանրամասն խօսուած է էջ 171-172։ Երկու տարբերհեղինակներ ներկայացուած են` Մովսէս Խորենացի Փիլիսոփոս (էջ 14-16), եւ Մովսէս Քերթողահայր (էջ 39-41)։ Զ. եւ Է. դարերու հեղինակներէն` Բաբգէն կթ. Ոթմսեցի, Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի, Գրիգոր եպս. Արծրունեաց, Յովհաննէս Բ. Գաբեղեան, Մովսէս եպս. Ցուրտաւայ, Գրիգոր Քերթող, Աբրահամ կթ. Աղբաթանեցի մատենագրութեան պատմութեան մէջ կը յիշուին իրենց անունով հասած քանի մը նամակներով, որոնք գլխաւորաբար ամփոփուած են Գիրք թղթոց խորագրով հաւաքածոյին մէջ։ Նոյնպէս նամակներով միայն ծանօթ են` Սահակ Մռուտ (Թ. դար) եւ Գէորգ Լոռեցի (ԺԱ. դար)։ Նորութիւն մըն է ՖՐԻԿ անունին ստուգաբանութիւնը` «իր անունը թերեւս ծագած է Ֆրետերիկէն», (էջ 338)։ Հատորին վերջաւորութեան զետեղուած օտար բառերու բառացանկը եւ յատուկ անուններու ցանկը մեծապէս կը դիւրացնեն ուսումնասիրողին աշխատանքը։ Նորայր Եպս. Պողարեանին կը մաղթենք արեւաշատ տարիներ` իր ձեռնարկած մեծ գործը յառաջ տանելու համար։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 25 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.307

103


ՆՈՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ ՀՆԱՏԻՊ ԳԻՐՔԵՐ

Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցիներէն` սուրբ Նիկողայոսի հովանիին ներքեւ, – կը ժամանակագրէ մեր պատմիչներէն Ճեվահիրճեան Մաղաքիա դպիրը, – հայոց ՌԺԷ (1568) թուականին` նոր ստամփայ գիր սահմանեցին ձեռամբ Խորվիրապցի Առաքել աբեղային, արհեստագործութեամբ Աբգար դպիրին եւ իր թագազարմ որդիին` Անտոնիոս Սուլթանշահ սարկաւագին։ Այդ թուականէն սկսեալ` այս քաղաքը հանդիսացաւ հայ տպագրութեան ամենակարեւոր կեդրոնը1։ Կ. Պոլիսը մեծ առաւելութիւն ունեցած է հայ տպագրութեան համար. Եւրոպայի շատ մօտիկ ըլլալը` դիւրութիւն ստեղծած է, որ տպագրական արուեստը աւելի արագ զարգանայ այդտեղ։ Ատկէ զատ, Հայաստանի ամէնէն մօտիկը գտնուող բարգաւաճ եւ մեծ քաղաքներէն մէկը եղած է։ Կը նշուի նաեւ, թէ հայ տպագրութիւնը այնտեղ վայելած է աւելի մեծ ազատութիւն` քան Եւրոպայի որեւէ այլ քաղաքի մէջ։ ԺԶ. դարու երկրորդ յիսնամեակէն մինչեւ ԺԹ. դարու առաջին յիսնամեակը ընդգրկող ժամանակաշրջանին` Կ. Պոլսոյ հայկական տպարաններուն եւ անոնց տպագրած գիրքերուն նուիրուած պատմական ամփոփ ակնարկին մէջ, մատենագէտ Քնարիկ Կորկոտեան կը հերքէ այն թիւր կարծիքը, թէ ամէնէն շատ հնատիպ գիրք տպագրուած է Իտալիոյ` յատկապէս Վենետիկի մէջ։ Մատենագիտական տուեալները պերճախօս ապացոյցն են Կ. Պոլսոյ մէջ տպագրական արուեստին ստացած զարգացումին։ Այսպէս` հայ տպագրութեան սկիզբէն, 1512 թ. մինչեւ 1800 թ. տպագրուած հնատիպ ծանօթ գիրքերը` թիւով 960 անուն են, որոնց 325-ը տպագրուած է Կ. Պոլիս, մինչդեռ Իտալիոյ քանի մը քաղաքներուն մէջ լոյս տեսած են 322 անուն գիրք. իսկ միայն Կ. Պոլսոյ մէջ` 1800-1850 թթ. հրատարակուած գիրքերը թիւով 200 անուն են։ Առաջին օրէն իսկ` հայ տպագրութեան վրայ հսկողութեան իրաւունքը կը տրուի եկեղեցականներուն։ Մինչեւ ԺԹ. դարու կէսը` գիրքերու անուանաթերթերուն որպէս կանոն կը նշուէին հայոց կաթողիկոսին, Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքներուն անունները` որոնք անցաթուղթի դեր կը կատարէին տպագրուած գիրքին համար2։ ***

Երեւանի մատենագէտները` մանաւանդ Հայկական ՍՍՌ Ալ. Մեասնիկեանի

104


անուան Պետական Հանրապետական Գրադարանի Տեղեկատու-Մատենագիտական բաժնի աշխատողները, յիսունական թուականներու վերջին տարիներէն սկսելով, պարբերական հաղորդումներով հրապարակեցին իրենց յայտնաբերած բազմաթիւ հնատիպ գիրքերը։ Ձեռագիր մատեաններու նման` կան հնատիպ գիրքեր ալ, որոնց ոդիսականը դեռ կը շարունակուի, մինչեւ որ` երջանիկ օր մը, մշտական գուրգուրանքի առարկայ դառնան։ Վերջերս, Գալուստեան Վարժարանի երկրորդական բաժնի մեր աշակերտներէն` ՊՊ. Նուպար Պահատրեան եւ Վահէ Բլատեան խանդավառութեամբ մեզի տրամադրեցին ԺԸ.-ԺԹ. դարերուն տպագրուած հնամաշ երեք գիրքեր, որոնց ուսումնասիրութիւնը կը յանձնենք հայ տպագիր գիրքի մասնագէտներուն ուշադրութեան։ Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող հատորները` հոգեւոր սնունդ մատակարարող գիրքերու եզակի նմոյշներ են, որոնցմէ երկուքը լոյս տեսած են ազգասէր եւ աստուածաբան Զաքարիա Կաղզուանցի պատրիարքին` որ ԺԸ. դարու ազգային զարգացումի առաջին վաստակաւորն ու երախտաւորը կը հռչակուի իրաւամբ3, եւ մէկն ալ` մեղմիկ եւ հեզիկ բնաւորութեան համար Աղաւնի մակդիր անունով կոչուած Ստեփաննոս պատրիարքին օրով4։ Ակնյայտ է հայ հին տպագրիչներուն հակումը Սաղմոսարան հրատարակելու նկատմամբ, – կը գրէ տպագրութեան պատմութեամբ զբաղող մատենագէտ Ռաֆայէլ Իշխանեան։ Ինչպէս ԺԶ. դարուն` այնպէս ալ յետագային, հայ տպագրիչները իրենց գործը կը սկսէին կամ Հին կտակարանի այս գիրքին տպագրութեամբ, կամ այլ առիթով լոյս կ’ընծայէին զայն։ Ատոր պատճառը այն էր` որ Սաղմոսարանը ոչ միայն եկեղեցական, այլ նաեւ աշխարհիկ ընթերցանութեան գիրք էր։ Փոքրագիր հրատարակուած սաղմոսարաններ` իրենց հետ երկրէ երկիր կը պտըտցնէին եւ կը կարդային նաեւ կիսագրագէտ հայ վաճառականները, եւ դարձեալ այդ գիրքով մայրենի լեզու կը սորվէին փոքրերը5։ Ժամանակագրական կարգով` յայտնաբերուած հնատիպ գիրքերէն առաջինը սաղմոսարան մըն է, որուն մասին անդրադարձած է հայագէտ Ֆրետերիգ Մագլէր` Ամսթերտամի Համալսարանի Մատենադարանին հայերէն գիրքերու հաւաքածոյին նուիրուած իր ուսումնասիրութեան մէջ։ Համառօտ նկարագրութիւններով եւ ծանօթագրութիւններով հայ հնատիպ գիրքի ցուցակին մէջ` որպէս մատենագիտական աղբիւր նշուած է միայն Մագլէրի աշխատութիւնը, Երեւանի, Թբիլիսիի եւ Բաքուի գրադարաններուն մէջ այդ Սաղմոսէն օրինակ մը չգտնուելուն պատճառով6։ Մատենագէտ Ք. Կորկոտեան` պոլսահայ տպագրութիւններու ժամանակագրական ցուցակին մէջ, մէկ աստղանիշով նշած է այս Սաղմոսը, կրկնելով նախորդ ցուցակին տեղեկութիւնները7։ Մինչ իր նախաբանին մէջ մատենագէտը կը ծանօթացնէ. «Բոլոր աստղանիշով նշուած գրքերը մենք անձամբ տեսել ենք, ուսումնասիրել եւ ըստ այդմ էլ կատարել նրանց

105


նկարագրութիւնը»8։ Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքի գրադարանը` 2369 համարով, օրինակ մը կը գտնուի Սաղմոսարանէն, որուն մասին կը ծանօթագրուի. «Վերջից թերի է թերեւս մէկ-երկու էջ` յիշատակարանը միայն։ Էջ` 398, ծաւալ` 14,5x10 սմ.»9։ Մեր ուսումնասիրած օրինակին անուանաթերթին վարի անկիւնը պատռած ըլլալուն` պակսած բառերը նշանակուած են կէտերով, իսկ տպագրական դժուարութեան պատճառով` զանց եղած են սղուած բառերուն վրայ դրուած «պատիւ»ները։ Հատորը կը վերջանայ էջ 392։ Շարուածքը` զարդափակ շրջանակով, 7,2x12 սմ. է։ Օգտագործուած են` խորանազարդեր, լուսանցազարդեր, զարդագրեր եւ մարդագրեր։ Կաշիէ կազմէն` միայն բեկոր մը մնացած է։ ՍԱՂՄՈՍ ԴԱՒԹԻ։ որ եւ կոչի` ՍԱՂՄՈՍԱՐԱՆ։ Տպագրեցել ’ի Հայրապետւե գե րագահ աթռյ սբյ Էջմիածնի` Տն Սիմէօնի զերերջանիկ սրբազան Կաթուղիկոսի ամ Հայոց. Եւ ’ի Պատրիարգութե Սրբոյ Աթոռոյն եէմի Տն Յովակիմայ ճգնազգեաց վարդապետի։ Իսկ եւ վեհափառ հրամանաւ մե... արքայանիստ մայր.ք.ղաքիս կո... դընուպօլսոյ Տեառն Զաք... Ազգասէր եւ Ածարան վ... եւ արք եպիսկոպոսի... ’Ի թուին հայոց ռմիթ։ Փ... ’ի Տպարանի Յօհաննիսի...։ Անուանաթերթին կռնակը` էջ 2, որպէս ծանօթութիւն կը կարդանք. Առազդեցուի վս հոգեշահ խորագրացն, որ եղաւ ’ի գլուխ ալէլուից Սաղմոսիս։ Զի ’ի վաղուց հետէ լուեալ էր մեր` թէ գոյ սաղմոս իմն տպեցել ’ի վաղ ժաման.կաց. յորում կայ եդել յսկիզբն ամ ալէլուից խոր.գիր խճողել սբ մտօք։ Բայց պարզ եւ դիւրին ոճիւ։ Եւ այն` հաւաքեցել ’ի յոմանց բանասիրաց ’ի մեկնութէն սաղմոսաց հոգեհրաշ վարդպտին մերոյ մեծին վարդանայ։ Ե յոգն ջանիւ յորոնելն մեր զայն սաղմոս ’ի գրքարանս բազմաց, – իբրեւ գտաք զբաղձալին մեր հուպ ումեմն բարեսիրի, (որ էր տպեցլ ’ի Հայրպտուեն հանուրցս հայոց տն Ածատրոյ) ոչ կամեցաք զայնպիսի ճրագն հոգէ... թողուլ ’ի ներքոյ գրուանի... ատ.նց։ Այլ առել օրինակեցք,... աք ’ի գլուխս ամ փոխից սոյն... իս (որ ’ի մէնջ յառաջին տը... սաղմոսին տեսանի. եւ այժմ... ապէս եղեւ տպեցեալ հան... նաւորիւք։) Եւ այս հանդեր...։

106


Յառաջաբանին մէջ յիշուած հոգեհրաշ Վարդան վարդապետը կոչուած է Արեւելցի, Գանձակեցի եւ յաճախ Մեծն Վարդան` զանազանելու համար իր համանուններէն, յատկապէս Վարդան Բարձրբերդցիէն10։ Բազմարդիւն մատենագիր մը եղած է Վարդան պատմիչը. իր գործերէն է Մեկնութիւն Սաղմոսացը, որուն համար կ’ըսուի` թէ «Համառօտ եւ խորին տեսութիւն, որ անյայտ մնայր միշտ», 1405 թ. քաղելով` վերամշակած է Գրիգոր Տաթեւացին։ Ուրիշ տեղ մը ըսուած է, թէ այս մեկնութեան հեղինակը Վարդան Բարձրբերդցին է, որ գրած է 1251 թ., Հաղբատի առաջնորդ Յովհաննէս եպիսկոպոսին առաջարկով11։ Հեղինակութիւն վայելող բառարաններու մէջ չգտանք առազդեցութիւն եւ գրքարան բառերը, որոնք նորագիւտ բառեր կը նկատենք։ Հատորէն փրցուած են` 3-14, 31-48, 87-90, 131-134, 139-142, 181-182, 229-230, 271-272, 315-316, 369-370 էջերը։ Էջ 368. Աղօթք Մանասէի Թագաւորին։ Էջ 371. նախադրուիք Խրատակ.նք` Յաղագս աղօթիցն զոր արարել է Տեառն Ներսէսի եղբօրն Գրիգորիսի` Հայոց Կաթողիկոսի։ Էջ 376. Ներսէս անօթ շնորհաց բըխման որպէս անուն իւր է թարգման ուստի ’ի տիս համբակութե, վարժեալ յօրէնս ածական։ Եռ երջանիկ մեծ գիտնական. հռետոր ճարտար քաջ չափաբան. ուստի անւամբ գեր յարգական, Շընորհալի կոչեալ բերան։ Րաբուն խնամող րամից մարդկան զարմիս ասեմ մեր հայկական որոց ’ի խրատ ըզգուշութե, գըրեալ ըզգիրքն Ընդհանրական Սբ հօտապետ նախնեաց նըման գոլով յազգէն արթուն անւան որ եւ կոչեալ նորին փոխան, հովուեալ ըզհօտըն բանական։ Էին Հոգւովն անհասական հասեալ յիմաստ անզուգական որով ըզբանաս աղօթական խօսեալ մըտօք խորհըրդական Սոյնս արդ սիօն մայր պերճական յիշատակօք նորին ճոխան ցընծայ ը իւր մանկանցն համայն այսօր եւ միշտ մինչ յաւիտեան։

107


Էջ 377. Աղօթք իւրաքանչիւր անձին հաւատացելոյ ի քո։ Արարեալ Տեառն Ներսէսի Հայոց Կաթողիկոսի։ Էջ 383. Մաղթանք զօրաւորք ընդդէմ արհաւրաց գիշերայնոց ’ի սբն Գրիգորէ Նարեկացւոյ ասացեալ։ Էջ 385. Աղօթք զօրաւորք սբյն Գրիգորի Նարեկացւոյն։ «Ած յաւիտենական` քարերը եւ ամենակալ»։ Էջ 386. Աղօթք զօրաւորք սբյն Գրիգորի Նարեկացւոյն։ «Որդի այ կենդանւոյ»։ Էջ 389. Գովասանութիւն Սաղմոսացն Դաւթի։ Էջ 392. Խրատ սակս Կառավարման Պարզատօմարականի աղիւսեկիս։ ... «Եւ քի տուողին գիտուե` փառք յաւիտեանս ամէն»։ Սաղմոսարանը պատկանած է նիկոմիդիացի Մանուկեան Եզեկիէլին, որուն բարեպաշտական զգացումներուն յագուրդ տալէ ետք, անցած է իր որդիին` Ստեփանի, թոռին` Բերկրուհիին, եւ հուսկ իր ծոռին` Վահէ Բլատեանին։ ***

Ե. դարէն սկսելով, թարգմանական եւ ինքնուրոյն մշակումով` աղօթագրութիւնը կարեւոր սեռ մը դարձած է հայ մատենագրութեան մէջ։ Ժամանակակից բժշկագիտութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառներէն է պիպլիոթերաբին, որուն արդիւնաւէտութիւնը նկատի ունենալով` մեր իմաստուն նախնիքը դարեր առաջ յօրիներ կամ հրատարակեր են բազմատասնեակ աղօթամատեաններ, որոնցմէ մէկն է` ԳԻՐՔ ԱՂՕԹԻՑ Վասն ամ ցեղ Պատահարաց որք զան ’ի վերայ մարդոյն։ յՈրոց ազատեսցէ զմեզ տր աստուած, Ամէն։ Տպեալ Հրամանաւ տն Զաքարիայ ազգասէր եւ բարեկարգ Պատ րիարգի։ ’ի Կոստանդնուպօլիս։ Յամի Տեառն 1798։ ’ի Մատթէոս դպրէ։

108


Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Կենտրոնական Գրադարանը պահուած այս աղօթագիրքի միակ ծանօթ օրինակին մասին, մատենագէտները յայտնած էին թէ հատորը կ’ընդհատուի էջ 110, «Հա» յիշագրով12։ Նոր յայտնաբերուած օրինակէն կ’արտագրենք` էջ 106-119. Վերստին յաւելուած կրկին հեծուե` նորին հսկողի առ նոյն աղերս մաղթանաց բանի։ ’ի խորոց սրտից խօսք ընդ այ։ բան. Ղ։ Էջ 120-124. Վերստին... բան. ՂԵ։ Էջ 125-126. Մաղթանք առ միս յամ ժամ ասելիք. Պահապան ամի Քո Ած իմ, աղաչեմ գքեզ` պահեա՛ զիս զծառայս քո` նշանաւ ամենազօր Խաչի քո։... Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն։ Քրանաթաթախ փաթաթանով այս աղօթագիրքը` երկիւղածութեամբ իր ծոցը պահած է հայազգի մամլուք մը, որմէ` չենք գիտեր ինչ միջոցով, անցած է արեւելեան երաժշտութեան գիտակ` ողբացեալ Եբրուհի Իսկէնեանին ձեռքը։ Աւանդութեան հետ միասին, հատորիկը ներկայիս յիշատակ կը մնայ իր թոռնիկին` Նուպար Պահատրեանի մօտ։ ***

Յայտնաբերուած երրորդ գիրքը` հայ տպագրութեան անցման շրջանի հրատարակութիւն մըն է, որուն նոյն ժամանակահատուածի 1822 եւ 1847 թուականներու տպագրութիւնները միայն ծանօթ էին մատենագիտութեան մէջ13։ ԲԺՇԿԱՐԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ բաժանեալ յերկուս մասունս։ Մասն Առաջին Յորում պարունակի Յորդորակ ապաշխարութեան սրբոյն Եփրեմի խորին ասորւոյ` ’ի պէտս հոգեպէս հիւանդացելոց։ ’ի Պատրիարգութեան կոստանդնուպոլսոյ Տեառն Ստեփաննոսի ամենա-պատիւ եւ վեհափառ Արքեպիսկոպոսի։ Տպեալ վերստին 1837 Յօրթագիւղ ռմձզ ’ի Տպարանի երից Որդւոց Պօղոսի արապեան ապուչեխցւոյ։ 95 էջ։ Շարուածք` 7,5x10.5 սմ։

109


Մասն երկրորդ Յորում առաջի դնին պէսպէս բանք աղօթից` զօրաւորք ի բժշկութի հոգեւոր հիւանդութեանց` բաժանեալք ըստ եօթնեակ աւուրց շաբաթուն, առ մտադիւր ընթերցանութի իւրաքանչիւր հոգեսիրաց։ ’Ի վերջոյ յաւելան խնդրուածք հաշտեցուցիչք այ` յաղօթամատոյց գրոց սրբոյն Գրիգորի Նարեկացւոյ, եւ յայլոց երանելի վարդապետաց։ Ը. էջ։ ԲԺՇԿԱՐԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ Մասն Երկրորդ։ Յորում առաջի դնին պէսպէս բանք աղօթից` զօրաւորք ’ի բժշկութիւն հոգեւոր հիւանդութեանց` բաժանեալք ըստ եօթնեակ աւուրց շաբաթուն, առ մտադիւր ընթերցանութիւն իւրաքանչիւր հոգեսիրաց։ ’ի վերջոյ յաւելան խնդրուածք հաշտեցուցիչք այ` յաղօթամատոյց գրոց սրբոյն Գրիգորի Նարեկացւոյ. եւ յայլոց Վարդապետաց 151 էջ։ Յառաջաբանութիւնը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.

Որովհետեւ հոգի առաւել է քան զմարմին, զի իմացական մտօք եւ ազատ կամօք եւ անմահութբ է պերճացեալ. ապա յաւէտ պէտս ունիմք զգուշանալ հոգւոց մերոց եւ խնամ տանիլ նմա։ Զի թէ մարմնական ախտք` պատճառեն զցաւ եւ զչարչարանս, եւ ’ի վերայ բերեն զմահ ժամանակաւոր, ապա եւ հոգեւոր հիւանդութիք` յառաջածեն զխայթս եւ զտանջանս խղճի մտաց, եւ ապա զմահն յաւիտենական։ Ուստի ’ի դարման եւ ’ի ստածումն հոգեպէս հիւանդացելոց մատուցաւ Բժշկարանս հոգեւոր, բաժանեալ յերկուս մասունս։ Յառաջնումն է Յրդորակ ապաշխարութե առ ’ի սրբոյն Եփրեմէ ասացեալ` պարզ եւ հեշտիմաց ամի. որ եւ է յուսադրութի մեղաւորաց դիմել ’ի զեղջ եւ ’ի խոստովանութի, եւ գտանել անձանց զփրկութի։ Յերկրորդումն են եօթնեկի տուով սաղմոսք, եւ աղօթք ըստ եօթնեակ աւուրց շաբաթուն, կարճառօտ բանիւ` առ ’ի չձանձրանալ ումեք. որք եւ սրտառուչ խնդրուածք են առ ած` ’ի բժշկութի ամենայն հոգեկան հիւանդութեաց։ Ապա, ամ որ սրտի մտօք ընթեռնու զՅորդորակս, եւ ջերմեռանդն սիրով կարդայ

110


զկարգեալ աղօթսն որ ’ի սմա, արժանաւորի ընդունիլ ’ի տռնէ զշնորհս թողութե մեղաց, եւ պարգեւս ողորմութե ’ի ժառանգութի կենացն անվախճանից։ Որում արժանաւորս արասցէ զամսին զմեզ երկրաւորն հայը` արդեամբք չարչարանաց յսի քսի տռն մերոյ, ընդ որում հօր եւ հոգւոյն սբյ վայել է փառք եւ իշխանութի յաւիտեանս, ամէն։ Փայտափորագրութիւններ կան` մասն առաջին, էջ 4, Խաչելութի։ Էջ բ, Սուրբ Երրորդ. ։ Մասն երկրորդ., էջ 3, Սուրբ Երրորդ.։ Հատորը կը պատկանի Վահէ Բլատեանին։ ***

Կը յուսանք` որ մօտիկ ապագային, մեր սիրելի աշակերտներուն ցանկութիւնը կը դառնայ իրականութիւն, եւ իրենց մօտ աւանդ մնացած հայ միտքի մասունքները անձամբ կը յանձնեն մեր հոգեկան արժէքներու մեծագոյն աւանդատան` Մատենադարանի Տնօրինութեան։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 24 Փետրուար 1977, 61-րդ տարի, թիւ 17.622 25 Փետրուար 1977, 61-րդ տարի, թիւ 17.623

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Քնարիկ Կորկոտեան, Հայ տպագիր գիրքը Կոստանդնուպոլսում (1567-1850 թթ.), Երեւան, 1964, էջ 4։ Ռ. Ա. Իշխանեան, տես` Հայ ժողովրդի պատմութիւն, հատոր Դ., Երեւան, 1972, էջ 611։ 2. Կորկոտեան, նոյն տեղը, էջ 25։ 3. Մաղաքիա արք. Օրմանեան, Ազգապատում, Բ. հատոր, մասն Գ., Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1960, ս. 3028։ 4. Նշ. աշխ., Գ. հատոր, մասն Ա., Պէյրութ, 1961, ս. 3646։ 5. Նշ. աշխ., էջ 612։ 6. Հայ հնատիպ գրքի մատենագիտական ցուցակ. 1512-1800, Երեւան, 1963, էջ 168։ 7. Նշ. աշխ., էջ 128։ 8. Նոյն տեղը, էջ 107։ 9. Լ. Գ. Մինասեան, «Հայ հնատիպ գրքի մատենագիտական ցուցակը եւ մի քանի նորայայտ գրքեր ու այլ ծանօթութիւններ», Հասկ, 1970, Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր, էջ 383։ 10. Հ. Աճառեան, Հայոց անձնանունների բառարան, հատոր Ե., Երեւան, 1962, էջ 87։ 11. Նոյն տեղը, էջ 90։ 12. Ն. Ոսկանեան, Ք. Կորկոտեան, «Հայերէն նորայայտ հնատիպ գրքեր», Էջմիածին, 1963, թիւ 5, էջ 51։ Հայ հնատիպ գրքի մատենագիտական ցուցակ, էջ 223։ 13. Հայկ Դաւթեան, Հայ գիրքը 1801-1850 թուականներին. մատենագիտութիւն, Երեւան, 1967, էջ 103, 350։

111


ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ ՎԱՆՔԻ ԴԻՒԱՆԻՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ ԳՐՔՈՅԿԸ Տիպար ընթերցող Բարունակ Մատղաշեանիյիշատակին

Ութդարեան իր գոյութեան ընթացքին` Պարսկաստանի հայ գաղութը ստեղծած է մշակութային նշանակալից արժէքներ։ Պէտք է ըսել, – կը նշէ գաղութներու ընդհանուր պատմութիւնը հետազօտող բանասէր մը, – որ Հայաստանէն Պարսկաստան տեղափոխուած գաղթականները իրենց հետ տարած են հայ մշակոյթի լաւագոյն աւանդոյթները եւ արմատաւորած են նոր բնակավայրին մէջ1։ ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն, Նոր Ջուղան` իր Ամենափրկիչ վանքով, կը հանդիսանայ «խաւարին մէջ կորսուած Ասիոյ համար», պարսկահայ մշակութային կեանքի ամէնէն կարեւոր կեդրոնը2, այլ եւ, առանց վերապահութեան կարելի է ըսել, ան ուղղութիւն կու տար մշակութային կեանքի շարք մը բնագաւառներուն` թարմ շունչ եւ կենսունակութիւն հաղորդելով անոնց3։ ԺԷ. դարու երեսնական թուականներուն, թեմակալ առաջնորդ Խաչատուր Կեսարացի աստուածազարդ վարդապետներու վարդապետը` որ արեւմտեան զարգացումի արդիւնքները Հայաստան փոխադրել կը փափաքէր4, «յօրինեաց զհամալսարանս` յորում ուսուցանէր եւ մարզէր զհամբակագոյնսն ի գիտութիւն հնոց եւ նորոց կտակարանաց եւ զհամայն արհեստս ազատականս եւ գերբնազանցականս», կը հաղորդէ յետագային, այդ «համալսարան»ի աշակերտներէն` պատմագիր ջուղայեցի Խաչատուր վարդապետը։ Ժամանակակից պատմիչը` Առաքել Դաւրիժեցի, այս «մեծ դպրոց»ին հիմնադիրը կը կոչէ «հայր հասարակաց, պատճառ կրկին լուսաւորութեան ազգիս Արամեան եւ նախասկիզբ հեղինակ»։ Իսլամ աշխարհի կղզիացած մէկ վայրին մէջ կառուցուած այս վանքը` ուր սովորական ծուլութեան տեղ, տասնամեակներ շարունակ տեղի ունեցած է իմացական եռուն գործունէութիւն, նշանաւոր հանդիսացած է` որովհետեւ հոն ծրագիրներ դարբնուած են, լոյս եւ գիտութիւն տալու համար տգիտութեան մէջ թաղուած հայ ժողովուրդին5։ Նոր Ջուղայի հայերուն անօրինակ փայլը այնքան հրապուրիչ խայծ մը կ’ըլլայ, որ Արեւելքի մէջ գործող կաթողիկէ վեց միաբանութիւններն ալ հոն եկեղեցիներ կը կառուցանեն եւ կրօնածաւալ գործունէութեան կը լծուին6։ Այս ձեռնարկները ցնցող տպաւորութիւն գործելով` կը նպաստեն ազգային

112


մտաւորական վերազարթնումին։ Ամենափրկիչ վանքը` անհամեմատ տկար ուժերով, յամառ եւ հետեւողական պայքարի կը մտնէ ամէն դիւրութիւն եւ առաւելութիւն վայելող լատին միաբանութիւններուն դէմ7։ Պարսկաստանի հայ բնակչութեան եկեղեցական եւ հասարակական գործերը վարելու համար կը կազմուի թեմ մը` թեմակալ առաջնորդի նստավայր ընտրելով Նոր Ջուղան։ Թեմին մաս կազմած են` Շիրազի, Թեհրանի, Համատանի, Ռաշտի, Անզալիի, Քաշանի, Ղազուինի, Պասրայի, Պաղտատի համայնքները։ Իրազեկ տեղեկատուի մը համաձայն, Նոր Ջուղայի առաջնորդին ենթարկուած են Պարսկաստանի ութ գաւառներու մէջ տեղաբաշխուած 74 հայաբնակ գիւղեր8։ Դարերու աւանդութիւններով գոյատեւած կրօնական այս հաստատութիւնը` որ դարձեալ կը շարունակէ մնալ Իրանա-Հնդկաստանի թեմին առաջնորդանիստ վայրը, ուրախալի է` որ մեր օրերուն ալ, «ամենաշնորհ» Խաչատուր Կեսարացիի բարի օրինակը մշտնջենաւորող առաջնորդներ կը գործեն այնտեղ։ Վերջին տարիներուն կատարուած աշխատանքը միայն` արժանի է բոլորին անվերապահ գնահատանքին։ Օրուան թեմակալ առաջնորդ Գարեգին արք. Սարգիսեանին ձեռնարկած բարեկարգութեան աշխատանքները` Ամենափրկիչ վանքէն ներս նոյն ջանադրութեամբ կը շարունակուին, իր յաջորդին` Մեսրոպ Վրդ. Աշճեանի կողմէ, Թեմական Խորհուրդին քաջալերանքով եւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նիւթական յատկացումներով։ Անցեալ տարի, վանքին տպարանէն լոյս տեսած 55 էջնոց Ուղեցոյց գրքոյկին նպատակին մասին` Հոգշ. Մեսրոպ վարդապետ «Երկու խօսք»ով կը բացատրէ, թէ «բանասէրների, գրականագէտների եւ առհասարակ պատմութեան ուսանողին տրամադրութեան ներքեւ է դրուել սոյն ուղեցոյցը, որ բանալին է հանդիսանում Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ Վանքի շուրջ չորս դարեան պատմութեան»։ Նպատակադրուած է` յառաջիկային, վանքին մէջ հաւաքուած բազմաթիւ վաւերաթուղթերէն քաղել պատմութեան համար հում նիւթեր պարունակողները եւ հրատարակել Դիւան Ս. Ամենափրկիչ վանքի խորագրով հատորներու մէջ։ Ուղեցոյցը կազմող բանասէր Լ. Գ. Մինասեան, որ այս դարաւոր դիւանի դասաւորումին եւ ցանկադրումի աշխատանքներուն նախաձեռնողներէն մէկն է, կը վկայէ. Դարերով հաւաքուած այս արխիւը` տեղաւորուած սենեակների մութ ու փոշոտ պահարաններում, դիզուած իրար վրայ, մնում էր լուռ ու անխօս։ Երբեմն էլ չարչրկուելով տեղափոխութիւն էր կատարում մի սենեակից մի այլ սենեակ, կամ մի պահարանից մի այլ պահարան, ոմանք փոշու եւ երբեմն էլ խոնաւութեան պատճառներով ենթակայ խունացման եւ ոչնչացման։ Կազմողին «Համառօտ ակնարկ»էն կը տեղեկանանք` թէ ներկայիս վանքի

113


դիւանին թղթապանակները տեղաւորուած են չորս երկաթեայ պահարաններու եւ մէկ «սեղանագզրոց»ի մէջ։ Դիւանին չորս բաժինները կը պարունակեն. ա. Անհատական գրութիւններ։ բ. Զանազան նիւթերով գրութիւններ։ գ. Ստացուած նամակներ։ դ. Օտարլեզուեան գրութիւններ։ Անհատական գրութիւններու թղթապանակներուն մէջ պահուած են` Խ. Աբովեանի, Այվազովսկի եղբայրներուն, Արղութեան արք.ի, Մկրտիչ Էմինի, Մեսրոպ Թաղիադեանի, Լազարեաններուն, Խրիմեան Հայրիկի, Մասեհեան եւ Մելքոն խաներուն, Կարապետ Վրդ. Շահնազարեանի, Յարութիւն քհյ. Շմաւոնեանի, Մկրտիչ Փորթուկալեանի եւ ուրիշներու ինքնագրերը։ Զանազան նիւթերով գրութիւններուն մաս կը կազմեն` առաջնորդներու եւ բարերարներու կենսագրութիւններ, բանասիրական-կրօնական գրութիւններ, ճառեր, բժշկական թուղթեր, 1676-1871 թուականները ընդգրկող ժամանակագրութիւններ, հաւատափոխութիւններու եւ սպանութիւններու վերաբերեալ գրութիւններ, 1770 թ. սկսեալ հեռագրեր, Նոր Ջուղայի պատմութեան վերաբերեալ գրութիւններ, հարիւրաւոր կոնդակներ` գրուած կաթողիկոսներու, պատրիարքներու եւ վանահայրերու կողմէ։ Վանքին առաջնորդները` աշխարհի տարբեր անկիւնները գտնուող 194 քաղաքներէ ստացած են բազմաթիւ նամակներ, որոնցմէ երկուքը` 1833 եւ 1899 թուականներուն, Գահիրէէն ուղարկուած են։ Դիւանին մնացեալ մասը բաղկացած է առեւտրական գրութիւններէ, վարձագրերէ, մուրհակներէ, խնդրագրերէ, հրամանագրերէ, բաժնեթուղթերէ, ընծայագրերէ, ժառանգական թուղթերէ, գոյքացուցակներէ, ծախսացուցակներէ, խոստմնագիր-ապահովագրերէ, կանոնագրութիւններէ, կտակներէ, համախօսականներէ, համաձայնագիր-պայմանագրերէ, հարցաքննութեանց թուղթերէ, շնչագրութիւններէ, օրհնագրերէ եւ այլ կարգի արձանագրութիւններէ։ Բոլոր այս աւարտած գործերը` արխիւագիտական մեթոտներով սիստեմաւորելու եւ նկարագրելու համար, անշուշտ միայն կազմողին «համբերութիւնը» եւ «հետեւողականութիւնը» բաւարար չեն։ Արդէն ժրաջան Լ. Գ. Մինասեան կը խոստովանի` թէ «նկատի ունենալով դասաւորման ժամանակի սղութիւնը, հնարաւոր չէ եղել անգամ բոլոր գրութիւնները հաշուել եւ կամ համարակալել ու ցանկագրել» (էջ 7), որով «մասամբ հնարաւոր է գաղափար կազմել ընդգրկուած նիւթերի մասին» (էջ 9)։ Դիւաններու շարքը իրագործուելու պարագային միայն կարելի պիտի ըլլայ ամբողջական գաղափար կազմել դիւանական ճոխութեան մասին։ Արխիւային այս հարուստ նիւթերը ատենին օգտագործած է Յարութիւն Տէր

114


115

Üàð æàôÔ²ÚÆ ê© ²ØºÜ²öðÎÆâ ì²ÜøÀ ·Í³Ýϳñ` Щ ìñóݿë ìñ¹© ºÇõ½Çõù×»³ÝÇ ÐÇÙݳñÏ»ó³õ ²Ù»Ý³÷ñÏãÇ í³Ýùë Ç ÃÇíÝ èÖ¸ ¥1655¤ Ç Ã³·³õáñáõû³Ý »ñÏñáñ¹ ޳ѳµ³ëÇÝ »õ ϳÃáÕÇÏáëáõû³Ý éÝ öÇÉÇååáëÇ« Ç Ó»éÝ ëáõñµ àõËïÇ ²é³çÝáñ¹Ç ¸³õÃÇ í³ñ¹³å»ïÇ« ϳٳÏóáõû³Ùµ »õ ïñûù æáõÕ³Ûáõ ÅáÕáíñ¹áó« »õ ³õ³ñï»ó³õ èÖĶ ¥1664¤ ³ÙÇ£ àñù³Ý å³ï³ñ³· »õ å³ßïûÝ áñù Ç ëÙ³ ϳï³ñÇ` ÉÇóÇ Ù³ëÝ »õ µ³ÅÇÝ Ñ³ñÏ Ï»Ý¹³Ý»³ó »õ ÝÝç»ó»Éáó£


Յովնանեանը` Նոր Ջուղայի երկհատոր պատմութիւնը գրելու համար, եւ բանասէր Հայկ Աճէմեանը 1931 եւ 1935 թուականներուն` հինգուկէս ամիս աշխատած է կազմելու համար փաստաթուղթերէ եւ «պատմարժէք նկարներ»է բաղկացած Դիւան պատմութեան Նոր Ջուղայի հայոց աշխատութիւնը։ Իրապէս` հայ մշակոյթի հունձքը շատ է եւ մշակները սակաւ. մենք ալ թախանձագին աղաչենք հունձքի Տիրոջ, որպէսզի մշակներ հանէ իր հունձքին համար, այնտեղ` ուր ստիպողաբար պէտք ունին...։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 23 Մայիս 1977, 63-րդ տարի, թիւ 17.692

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ա. Գ. Աբրահամեան, Համառօտ ուրուագիծ հայ գաղթավայրերի պատմութեան, Երեւան, 1964, Ա. հատոր, էջ 261։ 2. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ գաղթականութեան, Գահիրէ, 1961, Գ. հատոր, Ա. մաս, էջ 182։ Լէօ, Հայոց պատմութիւն, Երեւան, 1969, երրորդ հատոր, գիրք առաջին, էջ 429։ Հայ ժողովրդի պատմութիւն, Երեւան, 1972, հատոր Դ., էջ 335։ Գարեգին Լեւոնեան, Հայ գիրքը եւ տպագրութեան արուեստը, Երեւան, 1946, էջ 87։ 3. Հայ ժողովրդի պատմութիւն, էջ 336։ 4. Մաղաքիա արք. Օրմանեան, Ազգապատում, Պէյրութ, 1960, Բ. հատոր, Բ. գիրք, ս. 2490։ 5. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ դպրոցի, Գահիրէ, 1964, Ա. հատոր, էջ 532։ Լէօ, նշ. աշխ., էջ 430։ 6. Ալպօյաճեան, նշ. աշխ., էջ 428։ 7. Նոյն տեղը, էջ 528։ Հայ ժողովրդի պատմութիւն, էջ 336-337։ 8. Աբրահամեան, նշ. աշխ., էջ 255։

116


ՅԱՊԱՂԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ՄԸ ՆԱԽԱՔԱՅԼԸ` ՌԱԿ-Ի ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՌՕՏ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ Այսօրուան գործը լաւ հասկնալու համար, անհրաժեշտ է գիտնալ` թէ ի՞նչ կատարուած է երէկ։ ՄԱՔՍԻՄ ԿՈՐՔԻ

Տասնամեակ մը առաջ սկսած իր պատմական ուսումնասիրութիւններով` Աւետիս Եափուճեան ընթերցող լայն հասարակութեան ներկայացուց մասնաւորաբար դարուս երկրորդ տասնամեակի վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդին մղած մեծ գոյամարտը, պարզաբանելով այդ ժամանակահատուածին քաղաքական, տնտեսական, զինուորական եւ ընկերային կացութիւնը։ Այդ աշխատութիւններու շարքին վերջին օղակը եղաւ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ պաշտպանուած թեկնածուական դիսերտացիան` որով հեղինակին շնորհուեցաւ գիտական կոչում։ Ընդարձակելով իր տեսադաշտը` պատմական գիտութիւններու թեկնածու Աւետիս Եափուճեան այս անգամ ընթերցողին կը ծանօթացնէ լայն ժամանակաշրջանի մը վրայ տարածուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութիւնը, յիսնեակ մը էջերու մէջ համառօտակի ներկայացնելով` տնտեսական-քաղաքական իրաւազուրկ վիճակը արեւմտահայութեան, ազատագրական պայքարի ուղիներն ու առաջին խմբակները, Արմենական կուսակցութեան հիմնադրութիւնը, Վերակազմեալ Հնչակեան, Սահմանադրական Ռամկավար եւ ժողովրդական կուսակցութիւնները, ապա Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմութիւնը, դաւանանքը եւ ուղեգիծը1։ Հիմնուելով մեզի ծանօթ տուեալներու վրայ, անմիջապէս յայտնենք` թէ դեռ ոչ մէկ պատմաբան փորձած է մասնակի կամ լրիւ ներկայացնել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութիւնը։ Ազատագրական պայքարի եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու պատմութեան մասին եղած առկայ հրատարակութիւններէն քաղուած փաստերու համադրումով` Եափուճեան կը փորձէ ցոյց տալ ազատագրական շարժումին սոցիալ-պատմական նախադրեալները, եւ բնութագրել հայ քաղաքական կուսակցութիւնները` իրենց պատմական զարգացումին մէջ։ Մենագրութեան մէջ, հեղինակը իր ելակէտային դրոյթներով կը մնայ ընդունուած տեսակէտներու շրջագիծին մէջ. սակայն դեռ անհրաժեշտութիւն կը

117


զգացուի` աղբիւրագիտական հարուստ նիւթերու հիման վրայ, բազմակողմանիօրէն լուսաբանել ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները, մանրազնին հետազօտութեամբ գնահատել կուսակցական գործիչներուն կատարած դերը եւ ապա գիտականօրէն ընդհանրացնել յիշեալ կուսակցութիւններուն անցած ուղիին պատմութիւնը։ Հայ կուսակցութիւններու պատմութեան նուիրուած աշխատութիւններէն` ամէնէն ուշագրաւն է Լէոյի աշխատութիւնը2, ինչպէս նաեւ 1958, 1964 եւ 1967 թթ. Երեւանի մէջ հրատարակուած Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան պատմութեան ուրուագծերը։ Սփիւռքի մէջ անհատական կամ հաւաքական ճիգերով իրագործուած են Դաշնակցութեան3 եւ Հնչակեան4 կուսակցութիւններուն պատմութիւնները։ Հետաքրքրական է ամերիկահայ կուսակցութիւններու գործունէութեան նուիրուած հետազօտութիւնը` «որովհետեւ Ամերիկա եղած է հայ քաղաքական կուսակցութեան նիւթական մեծագոյն աղբիւրը, եւ գլխաւոր կեդրոնը միանգամայն»5։ Հասարակութեան գնահատանքին ներկայացնելով դաշնակցութեան գործունէութիւնը` Վարանդեան կը խոստովանի, թէ «խիզախ գործ մըն է` մէկ-երկու հատորի մէջ ամփոփել քառասուն տարուան պատմութիւն։ Պէտք են թերեւս քառասուն հատորներ»6։ Կուսակցութեան պատմագրին խոստովանութենէն առաջ, արդէն քաղաքական մեծ դէմք մը կը վկայէր` թէ Առհասարակ պէտք է, որ մենք լրջօրէն եւ հանգամանօրէն կանգ առնենք Դաշնակցութեան վրայ, նրա ծագման, զարգացման էպոխաների վրայ. չէ՞ որ Դաշնակցութիւնը մի ամբողջ պատմութիւն է, շրջան է7։ Մեր քաղաքական ու կուսակցական լիակատար պատմութեան համար, փաստաթուղթերու եւ վաւերագիրներու պակասը` չափազանց զգալի է. – կը հաստատէ Մ. Ճիզմէճեան իր ուսումնասիրութեան ընթացքին։ – Անոնցմէ շատեր փճացած են, ոմանք ալ կը գտնուին այնպիսի տեղեր` ուր ձեռք ձգել կարելի չէ։ Երանի թէ անհատներ ու կազմակերպութիւններ իրենց քով պահ դրուած բոլոր արձանագրութիւններն ու փաստաթուղթերը ամփոփէին հայկական ապահով կեդրոնատեղիի մը մէջ, ուրկէ լիապէս պիտի օգտուէին մեր ապագայ պատմագիրները8։ Բաղձացուած կեդրոնատեղին` Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ունի Փարիզի եւ Պոսթոնի մէջ, Ս. Դ. Հ. Կուսակցութիւնը ծրագրած էր Պէյրութի մէջ մէկտեղել իր գործունէութեան վերաբերեալ բոլոր փաստաթուղթերը։ Տեղեակ ենք` որ 60ական թուականներու կիսուն Ռ.Ա.Կ.-ն ալ ձեռնարկած էր Պէյրութի մէջ հաւաքել Վերակազմեալներու եւ Սահմանադրական Ռամկավար ղեկավար դէմքերու անձնական արխիւները. հաւանաբար Գահիրէէն հաւաքուած բազմաթիւ

118


վաւերագրերը` այնտեղ կազմուելիք հաւաքածոյին կորիզը դարձան։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան ձեռնարկուելու պարագային` գիտական պարկեշտութիւնը կը թելադրէ, որ անհրաժեշտօրէն նկատի առնենք անցեալին կատարուած գործերը։ Եգիպտահայ բազմերախտ ուսուցիչ, խմբագիր, հասարակական եւ կուսակցական գործիչ Լեւոն Աճէմեան` Արմենակ Եկարեանի հերոսական կեանքին դրուագները հրապարակելով, կը յայտնէ` թէ 1920-ական թուականներէն ի վեր, երբ այլեւս մեր կուսակցութիւնները աւարտած էին իրենց դերը Թրքահայաստանի մէջ որուն ազատագրութեան համար կազմուած էին անոնք, նպատակադրած էի գտնել հին դէմքերը, խնդրել որ գրի առնեն իրենց յուշերը եւ փրկել ինչ որ կարելի է, որպէսզի անհնարին չդառնայ մեր ազատագրական շարժման ապագայ ճշգրիտ պատմութեան կազմութիւնը9։ Աճէմեան դիտել կու տայ` որ Արմենական կուսակցութեան եւ մեր ազատագրական շարժման մէջ անոր կատարած դերին մասին շատ քիչ գրուած ու խօսուած է։ Արմենական կուսակցութիւնը իր անդամներուն արգիլած էր հրապարակային ամէն արտայայտութիւն` թշնամիին ոեւէ փաստ չհայթայթելու կանխահոգութեամբ։ Իր պատմութիւնը կարելի պիտի ըլլար հանել իր արշիւներէն միայն, որոնք եթէ փրկուած են` արտասահմանի մէջ չեն ամէն պարագային10։ Աճէմեան ապա կ’ըսէ` թէ երբ Ա. Եկարեան, 1922-ին Պոլսէն Աղեքսանդրիա ապաստանեցաւ, խնդրեցի իրմէ որ իր յուշերը գրի առնէ։ Յետոյ ես գրի առնել տուի իրենց յուշերը Միք. Նաթանեանին, Վարդան Գարասէֆէրանին եւս, որոնք քովս կը մնան11։ Ժամանակակից պատմութեան համար «նօթեր եւ նիւթեր» ներկայացնելով, Միքայէլ Նաթանեան կը գրէ, թէ Արմենական կազմակերպութեան ճշգրիտ եւ լիակատար պստմութիւնը գրել`� արդի պայմաններու մէջ, դժուարին ձեռնարկ մըն է։ Ատոր համար կը պակսին մէկէ աւելի տարրեր։ Նախ` յաջորդական ջարդերու եւ տարագրութեանց ընթացքին կամ բնական մահուամբ անհետացած են հայկական անդրանիկ յեղափոխական-քաղաքական կուսակցութիւնն եղող Արմենականութեան մէջ գործօն դերեր ստանձնած անձնաւորութիւնները, որոնց յիշատակները եւ անհատական վկայութիւնները թանկագին ատաղձը պիտի կրնային ըլլալ նմանօրինակ ձեռնարկի մը համար։ Թրքահայաստանի գաւառները` որոնք գլխաւոր թատրը եղան հայ առաջին յեղափոխա-

119


կաններու գործունէութեան եւ կռուանները անոնց իտէալին, ենթակայ բազմիցս կոտորածներու, տարագրութեանց, կողոպուտներու եւ հրդեհումներու, չէին կրնար պահել եւ աւանդել այլոց բոլոր այն փաստաթուղթերը եւ դէպքերու ժամանակագրութիւնները, որոնք պիտի կրնային ատաղձը հայթայթել անթերի եւ ամբողջական արձանագրութեան մը12։ Նաթանեան բարեխիղճ պատմող մը ըլլալուն, կը յաւելու` թէ 1899-էն ետք Վանայ եւ շրջականերու մէջ Արմենական կուսակցութեան գործունէութեան եւ կեանքին մասին ինծի հնարաւորութիւն կը պակսի աւելի լայն ծանօթութիւններ տալ։ Այդ մասին` աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններ կը գտնուին հանգուցեալ Ա. Եկարեանի յուշերուն մէջ եւ աւելի հանգամանօրէն կրնան արտայայտուիլ Գրիգոր Պէօզիկեան եւ Ա. Դարբինեան13։ Ժամանակի իրադարձութիւններու իրազեկ եւ մասնակից Արտակ Դարբինեան համեստօրէն կը խոստովանի` թէ Օրաթերթի մը համար պատրաստուած այս յօդուածաշարքով նպատակ չունէինք տալ Վանի ազատագրական շարժման պատմութիւնը, որ կը պահանջէ ստուար հատորներ։ Փափաքեցանք Արմենական ազատագրական շարժման քառասնամեակին առիթով` պարզ նօթագրութիւն մը միայն ընել14։ Արմենականներու մասին պատմագիտական միակ ուսումնասիրութիւնը պիտի ըլլայ պատմաբան Հ. Գ. Վարդանեանի պատրաստած 10 մամուլնոց մենագրութիւնը15։ Նոյնիսկ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը` իր խանձարուրային շրջանի պատմութեան համար վաւերագրեր չի կրնար տրամադրել պատմաբանին։ «Երկարատեւ բանակցութիւններէ եւ բուռն վիճաբանութիւններէ վերջն էր, որ ծնաւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը 1890-ի ամառը։ Ինչպէ՞ս կատարուեցաւ այդ ծնունդը», – հարց կու տայ Վարանդեան։ Ժողովները սկսած էին դեռ 1889-ի աշնան։ Մեր տրամադրութեան տակ գտնուած վաւերագրերը բաւարար լոյս չեն սփռեր, տարաբախտաբար, այդ ժողովներուն ու բանակցութիւններուն, գաղափարներու եւ տեսակէտներու բախումներուն վրայ։ Հայ իրականութեան անօրինակ պայմանները թոյլ չէին տար, որ գէթ նիւթերը պահպանուին պատմութեան համար։ Քանի՜ արձանագրութիւններ կորած են անհետ, քանի՜ նամակներ ու վաւերաթուղթեր` կրակի ճարակ եղած ոստիկան ներխուժումի եւ խուզարկութեան պահերուն...։ Մեզի հետաքրքրող շրջանի լաւագոյն արձանագրողը կարող էր լինել ինքը Կուսակցութեան գլխաւոր հիմնադիրը։ Բայց նա ոչինչ չթողուց մեզ, կամ գրեթէ։ Ոչինչ` նաեւ Զաւարեանէն եւ Ռոստումէն։ Գուցէ անոնց մտքովն անգամ չէր անցներ` գէթ քանի մը ժամ

120


անդրադառնալ անցեալին եւ նիւթեր թողուլ պատմութեան համար։ [...] Աւելի երիտասարդ ընկերներն ալ, որ տարիներով ապրեցան այդ մեծ գործիչներուն հետ, չունեցան երբեք զաղափարը` զանոնք հարկադրելու իրենց յուշերը թելադրելու` կուսակցութեան արշիւներուն համար... Ունինք միայն անոնցմէ լսած հակիրճ, կցկտուր պատմութիւններ եւ քանի մը յուշեր, տպագրուած – գլխաւորապէս Հայրենիք ամսագրին մէջ – մեր հին ընկերներու ձեռքով, դէպքերէն 30-35 տարի յետոյ...16։ Մ. Ճիզմէճեանի հաստատ համոզումով`

Մեր քաղաքական կեանքի պատմութիւնը թերի եւ անկատար պիտի մնայ. եւ պատասխանատուներն ու գործուած սխալները յստակ ու մեկին չպիտի երեւան գան` եթէ չգրուին նաեւ Կ. Պոլսոյ, Եգիպտոսի, Պուլկարիոյ եւ ուրիշ երկիրներու մէջ մեր կուսակցութեանց ու անոնց շարժումներուն պատմութիւնը։ Անոնք կը ներկայացնեն որոշ արժէք ու շահեկանութիւն եւ մաս կը կազմեն մեր ընդհանուր ազատագրութեան մեծ շարժումներուն։ Պարտականութեան այս բաժինը կը ծանրանայ անոնց վրայ, որոնք ապրեցան ու գործեցին յեղափոխական այդ կեանքին մէջ եւ անձնապէս իրազեկ են բոլոր իրադարձութեանց17։

«Բոլոր իրադարձութեանց» իրազեկ Միքայէլ Նաթանեան «պատմական նշանակալից յօդուածաշարք մը» հրատարակած է Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան հիմնադրութեան մասին18։ «Կարելի է ըսել որ իրմէ զատ ո՛չ ոք ա՛յնքան ձեռնհասօրէն եւ մանրամասնօրէն քանիցս անդրադարձած է այդ կուսակցութեան հիմնադրական շրջանին», կը հաւաստէ Վահան Մալէզեան, որ «նոր հայեացքներով եւ ծրագրով քաղաքական կուսակցութեան» նախաձեռնողը եղած է19։ Անաչառութենէ դրդուած, Նաթանեան կը յայտնէ` թէ

Սահմանադրական-Ռամկավար Կուսակցութեան ծագումին եւ զայն յղացողներու մասին այլազան առիթներով գրածներս տեղի տուին, որ Վ. Թէքէեան, Յ. Փափազեան եւ մասնաւորապէս Մ. Տամատեան ինձ դառնօրէն դիտել տան` թէ ես անիրաւ էի, թէ իրենց իրաւունքը եղած պատմական դէպքի մը սկզբնաւորութիւնը վերագրած էի առաւելապէս Վ. Մալէզեանի եւ թէ իրենք էին, որ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին հետեւանքով` Աղեքսանդրիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով, յղացած էին Հայ Սահմանադրական-Ռամկավարութեան գաղափարը եւ հրաւիրած էին Վ. Մալէզեանը ու Գահիրէաբնակ գաղափարակիցները, այդ նիւթին շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու։ ... Նախկին Ռամկավար-Ազատական Մուշեղ Սերոբեան անգամ, իր Դիտումներ եւ դատումներու մէջ անցողակի կը յիշատակէ` թէ ինք եղած է Սահմանադիր-Ռամկավար Կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը...։ ... [Ք]աւ լիցի` որ միտքէս անցած ըլլայ ՍահմանադրականՌամկավար Կուսակցութեան հիմնադրումին պատիւը առնել զայն ծնողներէն։ Ես գրած եմ ինչ որ տեսած եւ մասնակցած, կը յիշեմ եւ ինչ որ թոյլ կու տան հաստատել ձեռքս գտնուած փաստաթուղթերը20։

121


Իր վերջին գրութեան մէջ` Նաթանեան կ’ըսէ, թէ «պիտի փորձեմ գրաւոր թէ մտաւոր յուշերէս օգտուելով, տալ կարգ մը հապճեպ եւ համառօտ ծանօթութիւններ», ապա կը յայտնէ` թէ Գրաւոր այդ յուշերէս բաւական մաս մը ատենին տրամադրած եմ նաեւ անմոռանալի հայրենակիցներէս Արմենակ Եկարեանի յուշերուն հրատարակիչ ողբ. Լեւոն Աճէմեանի, ինչպէս եւ ողբ. Արտակ Դարբինեանի` ծառայելու համար իր Հայ ազատագրական շարժման օրերէն ընդարձակածաւալ աշխատասիրութեան21։ Ռամկավար Ազգատական Կուսակցութեան գաղափարն ու գործը ժողովըրդային լայն խաւերուն մատչելի դարձնելու համար` կուսակցութեան օրկաններուն մէջ լոյս տեսած յօդուածները կամ կուսակցական շրջանակներուն կողմէ հրատարակուած գրքոյկները22 կարելի չէ բաւարար նկատել։ Կարելի է միայն ափսոսալ` որ նոյնիսկ ծանօթ հրապարակագիրներ պատմական խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ կը հաղորդեն իրենց ընթերցողներուն։ Դեռ վերջերս կարդացինք` թէ ՌԱԿը հայ պահպանողական հոսանքի կուսակցութիւնն է, տարբերութեամբ հնչակեան եւ դաշնակցական... յեղափոխական ու ընկերվարական ծրագիրներով առաջնորդուող կազմակերպութիւններուն, որոնց դէմ իսկ պայքարելու նպատակով, Հ.Բ.Ը.Միութեան հիմնադիրը Պօղոս Նուպար փաշան, 1908-ին նախաձեռնեց հիմնել Ռամկավար կուսակցութիւնը, գլխաւորութեամբ նախկին հնչակեան եւ արմենական գործիչներու։ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը որ հրապարակ եկաւ Պոլիս, 1921 թուին, զինադադարի շրջանին, այդ միեւնոյն կազմակերպութեան շարունակութիւնն է, իբր յենարան ունենալով Հ.Բ.Ը.Միութիւնը23։ «Եգիպտոս ըլլալով Ռ. Ա. Կուսակցութեան հոգեկան ծննդավայրն ու միջնաբերդերէն մէկը»24, ինչպէս իրաւամբ կ’ընդունի կուսակցական հին գործիչ մը, պէտք է յուսալ, որ ՌԱԿ-ի Եգիպտոսի շրջանակը կը ցուցաբերէ անցեալի նախանձախնդրութիւնը` ձեռնարկելով «Սփիւռքի ամենազանգուածային ազգային-քաղաքական կազմակերպութեան»25 պատմութեան հրատարակութեան։ Այդ աշխատութեան հրապարակ գալը կ’ակնկալենք Արմենական կազմակերպութեան եւ հայ ազատագրական կազմակերպուած շարժումներու հարիւրամեակին առիթով։ Սակայն` մինչեւ այդ դժուար ձեռնարկին իրագործումը, Եափուճեանի Համառօտ պատմութիւնը պիտի մնայ հանրամատչելի աշխատութիւն մը։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 28 Մայիս 1979, 64-րդ տարի, թիւ 18.274 29 Մայիս 1979, 64-րդ տարի, թիւ 18.275

122


ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Աւետիս Եափուճեան, Համառօտ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմութեան, Մատենաշար Հայ Ազգային Հիմնադրամի, Գահիրէ, 1977, 54 էջ։ 2. Լէօ, Թիւրքահայ յեղափոխութեան գաղափարաբանութիւնը, Փարիզ, Ա. հտ., 1934, 204 էջ. Բ. հտ., 1935, 262 էջ։ 3. Ա.) Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, Պարիզ, 1932, 510 էջ. երկրորդ հատոր, Գահիրէ, 1950, 132 էջ։ Բ.) Ս. Վրացեան, «Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծնունդը եւ հիմնադիրները», տե՛ս` Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան, 1890-1950, Հրատարակութիւն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Բոստոն, 1950, էջ 61-140։ 4. Արսէն Կիտուր (խմբագրեց`), Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, 18871962, Ա. հատոր, Պէյրութ, 1962, 616 էջ. Բ. հատոր, 1963, 640 էջ։ 5. Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Պատմութիւն ամերիկահայ քաղաքական կուսակցութեանց, 1890-1925, Ֆրէզնօ, 1930, էջ Թ։ 6. Վարանդեան, նշ. աշխ., Ա. հատոր, էջ 7։ 7. Ալ. Մեասնիկեան, Կուսակցութիւնները գաղութահայութեան մէջ, Թիֆլիս, 1924, էջ 9։ Տե՛ս` Շ. Ռ. Յարութիւնեան, «Սովետահայ պատմագրութիւնը 1920-ական թուականներին», ՀՍՍՌ ԳԱ Տեղեկագիր հասարակական գիտութիւնների, 1963, թիւ 3, էջ 23-24։ 8. Ճիզմէճեան, նշ. աշխ., էջ ԺԳ։ 9. Յուշեր Արմենակ Եկարեանի, խմբագրեց Լ. Աճէմեան, Գահիրէ, 1947։ Լ. Աճէմեան, «Յառաջաբանի տեղ», էջ Ա-Բ։ 10. Նոյն տեղը, էջ Ա։ 11. Նոյն տեղը, էջ Բ։ 12. Միք. Նաթանեան, Արմենական Կուսակցութեան ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը. նօթեր եւ նիւթեր ժամանակակից պատմութեան համար, Հելիոպոլիս, Մայիս 1933, էջ 1-2 (մեքենագիր)։ [Միքայէլ Նաթանեան, Արմենական Կուսակցութիւնը. ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը, խմբագրութիւն եւ ներածութիւն Տիգրան Գէորգեանի, Գահիրէ, 1990, էջ ԺԸ.։] 13. Նոյն տեղը, էջ 76։ [Անդ, էջ 61։] 14. Ա. Դարբինեան, «Վան` հայ ազատագրական շարժման մէջ», Արեւ, 10 Դեկտեմբեր 1937, էջ 2։ 15. Հ. Գ. Վարդանեան, Արեւմտահայերի ազատագրական հարցը եւ հայ հասարակական-քաղաքական հոսանքները ԺԹ. դ. վերջին քառորդում, Երեւան, 1967, էջ 287, ծանօթագրութիւն թիւ 1։ 16. Վարանդեան, նշ. աշխ., էջ 58։ 17. Ճիզմէճեան, նշ. աշխ., էջ ԺԱ-ԺԲ։ 18. Միք. Նաթանեան, «Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութեան պարագաները», Եգիպտահայ տարեցոյց, Ա. տարի, 1925, Աղեքսանդրիա, 1924, էջ 160-172։ Վահան Մալէզեանի կողմէ գնահատուած «պատմական նշանակալից յօդուածաշարքը» լոյս տեսած է Արեւ օրաթերթին մէջ` Միք. Նաթանեան, «Հայ Սահմ. Ռամկավար

123


կուսակցութեան ծագումը (հիմնադրութեան քսանամեակին առթիւ)», 27 եւ 29 Հոկտեմբեր 1928։ 19. Վահան Մալէզեան, «Հայ Սահմ. Ռամկավար Կուսակցութեան հիմնարկութիւնը», Ճամբուս ծայրը, Բարիզ, 1955, Բ. հատոր, էջ 236։ 20. Միք. Նաթանեան, Արմենական Կուսակցութեան ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը, էջ 96 (մեքենագիր)։ [Միքայէլ Նաթանեան, Արմենական Կուսակցութիւնը. ծագումէն սկսեալ մինչեւ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը, խմբագրութիւն եւ ներածութիւն Տիգրան Գէորգեանի, էջ 80։] 21. Միք. Նաթանեան, «Հայ ազատագրական շարժման հետքերով. ՌամկավարԱզատական Կուսակցութեան ծագումն ու կեանքը», Արեւ, 26 Յունիս 1954։ 22. ա. «Մեր գաղափարն ու գործը. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միութեան առիթով» (խմբագրականներու շարք Նոր օրի, 28 Հոկտեմբեր 1951 – 15 Յունուար 1952), Ֆրէզնօ, 1952, 71 էջ։ բ. Վաչէ Ղազարեան, «Համառօտ պատմութիւն ՌԱԿ-ի» (Յօդուածաշարք Զարթօնք օրաթերթի), Պէյրութ, 1978, 80 էջ։ գ. Զարեհ Մելքոնեանի Արեւի լոյս մէջ լոյս տեսած յօդուածաշարքը ձեռքի տակ չունինք։ դ. The meaning of The ADL, հրատարակուած Հելէն Փիլիպոսեանի կողմէ, 1978թ.։ ե. S. H. Varjabedian, ‘The Arm. Political Parties and the AGBU,’ The Armenian Reporter, July 29 and August 5, 1976. զ. ‘Organizacion Democrata Liberal Armenia «Ramgavar Azadagan» 57 anos al servizio de la armenidad’, Sardarabad, 7 de Octubrec de 1978, pajinas 4-5. 23. Խոսրով Թիւթիւնճեան, «Վասն հայրենիքի հետ սփիւռքի կապերու զօրացման», Արարատ, օրաթերթ, Պէյրութ, 9 Փետրուար 1978, էջ 2։ 24. Միհրան Տէր Ստեփանեանի 25 Սեպտեմբեր 1951 թուակրով նամակը. տե՛ս Մեսրոպ Կ. Գույումճեան, Յիսուն տարի սփիւռքի մէջ. յուշեր եւ յիշատակներ, Գահիրէ, 1972, էջ 179։ 25. Եափուճեան, նշ. աշխ., էջ 3։

124


ԲԺԻՇԿ ՖԱՐԱՃԻ ՁԻՈՒ ԲԺՇԿԱՐԱՆԸ

Բժշկութեան արուեստին մեծն Պաղտատի մէջ վարժած եւ հմտացած բժիշկներէն էր Ֆարաճը` ազգութեամբ եւ հաւատքով ասորի, իսկ աստուածապաշտութեամբ կատարեալ ուղղափառ էր։ ԺԳ. դարու վերջին տարիներուն` Սիս մայրաքաղաքին մէջ, մտախոհ, հանճարաշատ, քրիստոնէասէր եւ բարեպաշտ Սմբատ Գ. արքային հրամանով` բժիշկ Ֆարաճը օգնութեամբ Թորոս քահանայի, բազում աշխատութեամբ` «զորդ եւ յստակ լեզուիւ» արաբերէնէ հայերէնի կը թարգմանէ Ձիու եւ առհասարակ դրաստի բժշկարանը։ Այս պատուական ձեռագիրը` որ Ռուբինեան թագաւորական գրադարանին զարդերէն մէկը կը կազմէր, դարուս սկիզբը Հրաչեայ Աճառեան պատահականօրէն տեսած է թաւրիզեցի հայ դերձակի մը մօտ եւ շատ հապճեպով թղթատած է զայն։ Յետագային` շատ չնչին գումարով մը կը վաճառուի ձեռագիրը եւ նոր տիրոջ ժառանգորդներուն հետ կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ, ուր ցարդ կը պահուի «խնամքով եւ հոգատարութեամբ»։ Հայկական ՍՍՀ Մինիստրներու Խորհուրդին առընթեր Մաշտոցի անուան Հին Ձեռագրերու Ինստիտուտի փոխ տնօրէն` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Բաբգէն Լ. Չուգասզեանին, բախտ կը վիճակուի 1972 թ. տեսնելու այդ «պատուական» ձեռագիրը եւ ստանալու անոր մանրաժապաւէնը, որուն համար վաստակաշատ բանասէրը կը հետաքրքրուէր տասնամեակներէ ի վեր։ Միակ ձեռագրով մեզի հասած այս Բժշկարանին մանրաժապաւէնէն պատրաստուած բնագիրը (էջ 37-164)` առաջին անգամ ըլլալով գիտական հասարակայնութեան ներկայացնելէ զատ, հայագէտ-արեւելագէտ աշխատասիրողը բովանդակալից ներածութեամբ (էջ 5-34)` բոլոր վստահելի աղբիւրներէն համադրուած ակնարկով, շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը հաղորդէ հին եւ միջնադարեան Հայաստանի մէջ ձիագիտութեան մասին։ Հեղինակաւոր կենսաբանի մը տուեալներով` Փոքր Ասիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ ձիերու գոյութեան առաջին ապացոյցները կը վերաբերին Քրիստոսէ առաջ 2000 թուականին, երբ ձին կը գործածուէր ռազմակառքերուն լծելու համար։ Այդ ժամանակաշրջանին` մեծ եղջերաւոր անասուններու շարքին, ձին օգտագործուած է որպէս լծկան։ Քրիստոսէ առաջ առաջին հազարամեակին` Հայաստան արդէն հռչակուած էր իր ազնուացեղ ձիերով եւ դրաստներով, իսկ ձիաբուծութիւնն ալ դարձած էր երկրին տնտեսութեան հիմնական ճիւղերէն

125


մէկը։ Հին Հայաստանի ձիաբուծութեան զարգացումին մասին` աշխարհի առաջին ձիագէտներէն Քսենոփոնը, իր Անաբասիս աշխատութեան մէջ կը յայտնէ` թէ Հայաստանի մէջ բուծանուած ձիերը որպէս տուրք կը ղրկուէին պարսից արքային։ Իսկ Ստրաբոն կը հաղորդէ` թէ ձիերու համար սքանչելի արօտավայրեր ունի Հայաստան, եւ ոչ մէկ բանով ետ կը մնայ Մարաստանէն, այնպէս որ պարսից արքաներու տրամադրութեան տակ գտնուող Նեսայական ձիերը այստեղ կը վարժեցուին. իսկ Հայաստանի սատրապը ամէն տարի 20,000 ստրուկ Պարսկաստան կ’ուղարկէ Միհրի հանդէսներուն համար։ Աստուածաշունչի տեղեկութեամբ` «ի տանէ Թորգոմայ» բերուած ձիերն ու գերիները կը վաճառուէին փիւնիկեան քաղաքներու մէջ։ Հայ եւ օտար աղբիւրներու վկայութիւնները մեկտեղելով, անասնագէտ մը կը հաւաստէ` թէ մինչեւ արաբական արշաւանքները, յատկապէս Արշակունիներու ժամանակ, Հայաստան ունեցած է հզօր հեծեալ բանակ, եւ այնպէս կ’եզրակացնէ` որ հայկական պետականութեան արշալոյսին հայերը զարգացած ձիաբուծութիւն ունէին։ Իպն Հաուքալի վկայութեամբ` Իրաքի, Սուրիոյ եւ Խորասանի մէջ, Ժ. դարուն Հայաստանի «շահրի»-ները գնահատուած են իրենց տոկունութեամբ, գեղեցկութեամբ, աշխուժութեամբ եւ համբերութեամբ։ Ներքին եւ արտաքին շուկաներու մէջ Կիլիկիոյ ձիերն ալ ճանչցուած են, որով ուշադրութեան առարկայ եղած է ձիաբուծութեան զարգացումը։ Մեծարգոյ աշխատասիրողը լաւատեղեակ է արաբական, պարսկական եւ հնդկական ձեռագիր ձիագիտարաններուն եւ անոնց մասին գոյութիւն ունեցող գիտական գրականութեան։ Մեր մատենագրութեան մէջ առ այժմ յայտնի չեն հայ հեղինակներու ձիագիտական երկեր. սակայն պէտք է ենթադրել, կ’եզրակացնէ Չուգասզեան, որ Հայաստանի արօտավայրերուն մէջ սփռուած հազարաւոր ձիերը խնամուած եւ բուժուած են «գործնական գիտելիքներ ունեցող ձիապաններու եւ ձիաբոյժներու միջոցով»։ Ձիագիտութեան վերաբերեալ հայ մատենագրութեան մէջ պահպանուած աշխատութիւններն են` Վասն ձիոց ազգաց եւ ցեղից մատակաց, յովտակաց եւ քուռակաց, խրատք եւ բժշկութիւնք, Վասն ձիոյ պայթարնման (որուն ձեռագիրը առ այժմ չէ յայտնաբերուած), Ի գրաստուն բժշկարանէն փոխած, Բժշկարան վասն ձիու եւ ջորոյ եւ կամ իշու, որ Խոսրով արքա զգրել ետ, Յաղագս ձիոյ մարազի եւ ուռեցքի։ Յիշեալ բնագրերուն մէկ մասին մէջ եղած ընդհանրութիւնները` Ֆարաճի Բժշկարանին հետ, ցոյց տրուած են զուգադրութիւններով։ Յայտնաբերուած ձիաբուծութեան-ձիաբուժութեան վերաբերեալ գրութիւնները գործնական խնդիրներ կը շօշափեն, նոյն նպատակը կը հետապնդէ նաեւ բժիշկ Ֆարաճի թարգմանած ձիու բժշկարանը։ Միջին դարերուն բժշկական

126


գրականութեան մէջ` «թարգմանութիւն»-ը յաճախ կը հասկցուէր օտար աղբիւրներու օգտագործումով կազմուած աշխատանք։ Նոյն առումով պէտք է ըմբռնել նաեւ Ֆարաճի կատարած աշխատութիւնը։ Հայերէն այս ձիամատեանին համեմատութիւնը` աշխատասիրողին մատչելի արաբերէն եւ պարսկերէն ձիագիտական քանի մը ձեռնարկներու հետ, ցոյց տուած է կառուցուածքի եւ բովանդակութեան որոշ ընդհանրութիւն` բացայայտ տարբերութիւններէ եւ հեղինակային միջամտութիւններէ զատ, որով կարելի է կարծել` թէ բժիշկ Ֆարաճը հետեւելով արաբական ձիամատեաններուն, անոնց նմանողութեամբ, բայց ոչ այդ ձեռնարկներուն բարդութեամբ ու մանրամասնութեամբ, կազմած է պարզ եւ համառօտ շարադրուած իր ձիամատեանը։ Ձիու բժշկարանը` կարճ յառաջաբանի մը մէջ, ժողովրդական ստուգաբանութեամբ կը մեկնաբանէ ձի բառը, որպէս «ձիգ ընթացող եւ արագ արշաւող» կենդանի, ապա կը խօսի ձիաճանաչութեան, ձիերու յղութեան ու ծննդաբերութեան, գոյներուն, նշաններուն, մազաոլորքներուն, խնամքին, մարմնի տարբեր մասերուն, արատներուն, ձիերու հիւանդութիւններուն եւ անոնց բուժումի մասին։ Բժիշկ Ֆարաճը մասնագէտի բարեխղճութեամբ վկայակոչած է իր օգտագործած աղբիւրները, յանուանէ յիշատակելով անոնց հեղինակները` թէ բնագրին եւ թէ յիշատակարանին մէջ. նոյնիսկ գիրքին սկիզբը գրած է հնդիկ «Ճնայ իմաստասէր»-ին գծանկարը եւ ձիու մը գունաւոր գծանկարը` մարմնին իւրաքանչիւր մասին մօտ գրելով անոր դրական յատկութիւնները եւ մերժելի կողմերը։ Ֆարաճի Բժշկարանին երկրորդ խմբագրութիւն կը նկատուի այն օրինակը` որմէ 1788 թ. կատարուած է վրացերէն թարգմանութիւնը, Գէորգի Հերակլեան արքայազնի պատուէրով։ Նկատի ունենալով որ Ֆարաճի ձեռագիրը կորսուած կը համարուէր` հայ-վրացական մատենագրական կապերուն քաջատեղեակ բանասէր մը կ’առաջարկէր զայն վրացերէնէ հայերէնի թարգմանել։ Բժշկարանը մեծարգոյ աշխատասիրողին կողմէ քննարկուած է «որպէս միջին հայերէնի յուշարձան», որ գործնական նշանակութիւն ունեցող ուրիշ երկերու նման շարադրուած է ժողովուրդին հասկնալի խօսակցական լեզուով։ «Միջին հայերէն» եզրի տակ` պէտք է հասկնալ միջնադարեան Հայաստանի գրական, համաժողովրդական լեզուն` որ կը սկսի կազմաւորուիլ Ժ. դարէն սկսեալ, ժողովուրդին խօսակցական լեզուին, լեզուական ընդհանուր իրողութիւններուն հիման վրայ։ Միջին հայերէնը օգտագործած է գրաբարի բառապաշարը, դիւրըմբռնելի ոճերն ու դարձուածքները, իմաստով բարբառներու մէջ պահպանուած` բայց ձեւով որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած քերականական իրողութիւնները, միջին հայերէնը մշակուած ու կատարելագործուած է այն աստիճան` որ կրցած է յաջողութեամբ կատարել պետական լեզուի իր պաշտօնը։

127


Այս նորայայտ յուշարձանին մէջ Չուգասզեան գտած է մեր բառարաններուն մէջ չյիշատակուած 105 հայերէն բարդութիւններ եւ 146 օտար (արաբերէն, իրանական ծագում ունեցող եւ քանի մը հատ ֆրանսերէն) բառեր եւ ձիագիտական եզրեր։ Արաբական ձիագիտութիւնը ԺԱ. դարուն ունեցած է այնպիսի բարձր մակարդակ` որմէ օգտուած են շրջակայքի երկիրները, նոյնիսկ փոխ առնելով արաբերէն եզրերը։ Պէտք է հաւանական համարել, – կ’ըսէ աշխատասիրողը, – որ հայերէն բարդութիւններն ու փոխառեալ բառերուն մէկ մասը` յատկապէս իրանական ձեւերը, շատոնց գործածական եղած են լեզուին մէջ, սակայն չեն գրանցուած մատենագրութեան մէջ։ Բանասէրը մանրազննելով Բժշկարանը, մեր ուշադրութեան կը յանձնէ ժողովրդական ասոյթները, հայոց մարզական կեանքէն մեզի աւանդուած թանկարժէք ազգագրական բեկորը, դեղաբոյսերու նոր անունները` որոնց առաջին անգամ կը հանդիպինք, Կիլիկեան Հայաստանի մէջ օգտագործուած չափ ու կշիռի անուններ` որոնք կրնան նպաստել ժամանակի տնտեսական կեանքի ուսումնասիրութեան։ Անուանի հայագէտներու կողմէ արդէն համակողմանի քննուած են միջին հայերէնի իրողութիւնները, որոնց ծանօթ է աշխատասիրողը, մինչ ինք` միջին հայերէնի իր կատարած բառաքննական հետազօտութիւնները կ’ամփոփէ մատենակից բառարանին մէջ (էջ 175-249), հաւաքուած այս նոր բառերը մեծապէս պիտի նպաստեն միջնադարեան հայերէնի բառարանի մը կազմութեան։ Ի գրաստուն բժշկարանէն փոխած, որուն մագաղաթեայ թերթերը կը պահուին Սուրբ Ղազարու ձեռագրատան մէջ, կը հրատարակուի իբր յաւելւած (էջ 165-169)։ Ձիուն եւ այլ դրաստներու հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ դեղօրէից ցանկերով (էջ 261-263, 264-271) կը փակուի հատորը։ Յայտնի է, – կը գրէ հմուտ աշխատասիրողը, – որ մինչեւ ուշ միջնադար մարդոց եւ անասուններուն բժշկութեամբ կրնար զբաղիլ բժիշկ անունը իր վրայ կրող իւրաքանչիւր անձնաւորութիւն, թէ մարդաբուժութեան եւ թէ անասնաբուժութեան մէջ հիւանդութիւններուն անունները եւ դեղամիջոցները գրեթէ նոյնն էին, միայն տարբեր էին դեղամիջոցներուն համամասնութիւնները (էջ 26)։ Թէեւ հայ բժշկական գրականութենէն չհրապարակուած երկեր տակաւին անծանօթ կը մնան գիտական շրջանակներուն, սակայն հրապարակուած գործերուն վրայ հիմնուելով` ուսումնասէրները կը հաստատեն, որ միջնադարեան հայ բժշկական գրականութիւնը հսկայական դեր կատարած է մեր ժողովուրդին մշակութային կեանքին մէջ։ Ասոնց վրայ կ’աւելնայ Աճառեանի բարձր գնահատած` «նիւթով ու գրչութեամբ պատուական ձեռագիրը», Բաբգէն Չուգասզեանի գովելի ջանադրութեամբ։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 4 Օգոստոս 1981, 66-րդ տարի, թիւ 18.915

128


ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԵՐԳԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԳԱՆՁԵՐ ԵՒ ՏԱՂԵՐ Խորհուրդ ծածկեալ մեզ յայտնեցաւ։ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ

Արաբական տիրապետութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը` երբ երեքդարեան լուծը կը թօթափէ, Թ. դարու երկրորդ կէսին կը յաջողի ձեռք բերել քաղաքական անկախութիւն, հիմը դնելով նախ` Բագրատունիներու թագաւորութեան, ապա յառաջ կու գան Վասպուրականի, Սիւնեաց, Վարանդի փոքր թագաւորութիւնները։ Պետական անկախութեան վերականգնումը շուտով կը նպաստէ թէ ժողովուրդին տնտեսական վերելքին եւ թէ մշակութային աշխուժացումին։ Վանքերը կ’ըլլան ոչ միայն ճգնաւորական վայրեր, այլեւ կը դառնան կրթական-մշակութային կարեւոր կեդրոններ` վայելելով աշխարհիկ տէրերու հովանաւորութիւնը։ Սկիզբ կ’առնէ հոգեւոր վերածնունդի շրջանը` երբ կրօնական պաշտամունքին համար կը գտնուին արտայայտութեան նոր ձեւեր. նոր թափ կը ստանայ հայ հոգեւոր բանաստեղծութեան ծաղկումը։ Սաղմոսերգութիւնը եւ շարականերգութիւնը բաւարար չնկատուելով` եկեղեցական արարողութիւնները կը ճոխանան ոչ միայն նոր շարականներով, այլեւ տաղերու, գանձերու եւ մեղեդիներու նման նորաստեղծ եւ նորորակ երգերով։ Միջին դարերու այս ժամանակաշրջանին հարազատ ծնունդը կ’ըլլայ երգագիր Գրիգոր Նարեկացին, որուն բանաստեղծութիւններուն գիտաքննական հրապարակումով հանդէս կու գայ Արմինէ Քէօշկէրեանը` բանասիրական, բնագրագիտական եւ ձեռագրագիտական երկարամեայ յոգնաջան աշխատութիւնը ներկայացնելով մասնագէտներու բարեհաճ ուշադրութեան։ Նարեկացիագիտութիւնը` որ սկիզբ առած է ԺԲ.-ԺԳ. դարերէն, մինչեւ այսօր արձանագրած է նկատելի նուաճումներ, որոնցմէ ոչ մէկ կարեւոր մանրամասնութիւն վրիպած է հմուտ աշխատասիրողին ուշադրութենէն։ Գրիգոր Նարեկացիի բանաստեղծութիւնները` ատոր գանձերը եւ քսանմէկ տաղերն են, որոնց յօրինումի թուականները յայտնի չեն. սակայն «անտարակուսելի է, որ յօրինուած են գանձերի հետ միասին` թերեւս ոչ միանգամից, այլ աստիճանաբար եւ զոյգ-զոյգ, քանի որ գանձերն ու տաղերը ստեղծուել են իբրեւ միեւնոյն համակարգի անտրոհելի բաղկացուցիչներ»։ Աշխատասիրողը կը

129


հաստատէ նաեւ, թէ անոնք ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւն կրած են, կրճատուած, որոշ մասեր ալ հանդէս եկած են նոր խորագրերով։ Գրիգոր Նարեկացիի գանձերն ու տաղերը` որպէս կանոն ընդգրկուած են Գանձարան կոչուած ժողովածուներուն մէջ։ Գանձարանները` եկեղեցական տօներուն նուիրուած ձեռնարկներ են եւ կը բովանդակեն «որոշակի համակարգով միմեանց յաջորդող հոգեւոր երգեր», որոնք ծանօթ են գանձ կամ քարոզ, տաղ, փոխ կամ յորդորակ եւ մեղեդի անուններով, որոնց ձեւաւորումի եւ համակարգումի առաջնութիւնն ալ կը պատկանի Գրիգոր Նարեկացիին։ Հակառակ այդ ժողովածուներուն ունեցած լայն կիրառութեան եւ անոնցմէ մեզի հասած բազմաթիւ օրինակութիւններուն առկայութեան, Գանձարաններն ու գանձարանային միաւորները տակաւին բանասիրական մասնաւոր քննութեան առարկայ չեն դարձած։ Գանձերու եւ տաղերու, ինչպէս նաեւ Գանձարաններու «հանգամանալից քննութիւնը» անխոնջ բանասէրին բերած է այն համոզումին` թէ գանձարանային միաւորները եւ զանոնք ամփոփող ժողովածուներու սկզբնաւորումը կապուած է Գրիգոր Նարեկացիի անունին հետ։ Առաջին անգամ բացայայտուող այս երեւոյթը կը թելադրէ աշխատասիրողին` աւելի հանգամանօրէն անդրադառնալ Գանձարաններուն, գանձարանային միաւորներուն եւ անոնց կազմութեան համար` Գրիգոր Նարեկացիի ունեցած դերին մասին։ Գանձարանային ժողովածուներուն մասին կատարուած այս առաջին հետազօտութենէն` հոգեւոր մշակոյթի պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն համար կը փորձենք յապաւել էական գաղափարները։ ***

Գանձարանային նիւթերու գլխաւոր միաւորը գանձն է, իր անուանումը ստանալով Գրիգոր Նարեկացիի յիշեալ ստեղծագործութիւնները սկսող բառերէն` Գանձ լուսոյ, Գանձ բաղձալի, եւ այլն։ Վենետիկեան բանասէր Հ. Մկրտիչ Պոտուրեան` «գանձ»-ը նոյնացուցած է «երգ»-ին հետ, ֆրանսերէն եւ իտալերէն համապատասխան բառերուն նման. այս ձեւով` թէ բառը եւ թէ գրական տեսակը օտարամուտ համարելով։ Անշուշտ անժխտելի է «գանձ»-ին առընչութիւնը «երգ»-ին հետ, քանի որ գանձն ալ երգ է, բայց ճիշտ չէ զայն նոյնացնել գանթիքում կոչուած երգերուն հետ, որոնք օրհներգութիւններ են, եւ գանձերէն կը տարբերին թէ՛ կառուցուածքով եւ թէ՛ էութեամբ։ Գանձերը` այլ ժողովուրդներու հոգեւոր բանաստեղծութիւններու տեսակներէն ոչ մէկուն կը համապատասխանեն։ Յունական եւ ասորական եկեղեցիներուն հետ հայ եկեղեցւոյ կապը` որուն մասին կը վկայեն ծիսական եւ պաշտամունքային ընդհանրութիւնները, կը

130


թելադրէ գանձերուն զուգահեռ ստեղծագործութիւնները փնտռել անոնց եկեղեցական գրականութեան մէջ։ Եփրեմ Ասորիի անունով ծանօթ, ասորական եկեղեցական չափածոյ ստեղծագործութիւնները` «մադրաշա»-ները եւ «մեմրա»-ները մօտաւորապէս կը համապատասխանեն գանձերուն. սակայն մադրաշաները ներկայացուած են իբրեւ «կցուրդք» եւ որեւէ նկատելի նմանութիւն չունին գանձերուն հետ, իսկ մեմրաները` «ասացուածք», ունին պատմողական բնոյթ, գրուած են եկեղեցական տօնակատարութիւններու ժամանակ արտասանելու նպատակով եւ շատ կը տարբերին գանձերէն։ Նոր որակի հոգեւոր երգի ստեղծումն ու մշակումը` բանասէրը կ’որոնէ հայ իրականութեան մէջ։ Գրիգոր Նարեկացիի գանձերուն հնագոյն օրինակութիւնները պահպանուած են ոչ թէ գանձ անունով, այլ` քարոզ։ Գանձերուն համար նախատիպ ծառայած են եկեղեցական գրականութեան մէջ արդէն կիրառուած քարոզները, որոնք գոյութիւն ունեցած են քրիստոնէութեան առաջին դարերէն։ Քարոզ կը նշանակէ մունետիկ, յայտարարող, նախակարապետ` եւ այդ իմաստով ալ գործածուած է Յովհաննէս Մկրտիչին մասին։ Ասորերէնի մէջ քարոզ կոչուած են այն աղօթքները` որոնց մէջ կը յիշատակուին եպիսկոպոսներ, պատրիարքներ եւ այլ աստիճանի հոգեւորականներ։ Քարոզներէն մաս մը կը վերագրուին Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սահակ Պարթեւ եւ Յովհան Մանդակունի հայրապետներուն։ Իր Ծիսական բառարանին մէջ` Օրմանեան Սրբազան կը բացատրէ. Գանձ կը կոչուին մեծ քարոզներ, որ հանդիսաւորապէս կ’երգուին առտուներն ու երեկոները մեսեդիներէն ետք, եւ «Գոհանամք զքէն» եւ «Լուր ձայնից» աղօթքներէն առաջ։ Գանձ անունը պատահաբար գործածուած է, որովհետեւ այդ ձեւով մեծ քարոզներուն առաջինները Ս. Գրիգոր Նարեկացին գրած է եւ իր անուան տառերով տուներու սկզբնագրերը կազմել ուզելով` միշտ Գ. տառով ու «գանձ» բառով սկսած է երեք քարոզներն, եւ անկէ առնուելով` ամէն նման ձեւով քարոզներ «գանձ» կոչուած են։ Հայոց աղօթամատոյցին քննարկու` Հ. Վարդան Հացունին ալ գանձերը նկատած է «քարոզներու նման արձակ երգեր»։ Բարսեղ Կեսարացի հայրապետին անունով պահպանուած է «քարոզ զատկաց» ինքնատիպ ստեղծագործութիւնը, որ թէ քարոզներուն եւ թէ Գ. Նարեկացիի գանձերուն հետ նմանութիւն ունի, կրկին վկայելով անոնց փոխադարձ առընչութեան մասին։ Գանձերու ստեղծագործութեան ժամանակ` Գրիգոր Նարեկացին օգտագործած է հին քարոզներուն յատկանիշները. անոր գանձերը նուիրուած են եկեղեցական տօներու կամ սուրբերու։ Այդ բանաստեղծութիւնները կազմուած են անհաւասար տուներէ, որոնք ընդհանրապէս ծաւալուն են, իսկ տեղտեղ` բաղկացած

131


քանի մը տողէ։ Սկիզբի տուներուն մէջ կը ներբողուի տօնը կամ մեծարուող սուրբին յիշատակը։ Իւրաքանչիւր տունի վերջը կայ կրկնակ։ Գանձերը կ’աւարտին մաղթանքներով` նուիրուած ժողովուրդի տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ բերքի, բարօրութեան եւ խաղաղութեան։ Միաժամանակ կը հայցուի սուրբերու բարեխօսութիւնը։ Քարոզներու նմանողութեամբ, գանձերն ալ կը վերջանան` Եւ այժմ ողորմեաց մեզ, Տէր Աստուած մեր` ըստ մեծի ողորմութեան քում, ասասցուք ամենեքեան միաբանութեամբ։ Տէր, ողորմեա, Տէր, ողորմեա՛, Տէր ողորմեա՛։ Յիշեալ աւարտէն զատ, Գ. Նարեկացիի գանձերը` քարոզներուն հետ կ’առընչուին նաեւ որոշ պարբերութիւններու «Եւ եւս առաւել...», «Զանձինս մեր զմիմեանս...» սկսուածներով։ Ի տարբերութիւն քարոզներուն, գանձերուն մէջ այդ տուները` «Եւ այժմ ողորմեաց»էն անջատուած են տունով մը եւ կը կազմեն փոքրածաւալ ենթատուներ։ Որպէս կանոն` Գրիգոր Նարեկացիի գանձերը ունին կրկնակ, որ արտայայտուած է իմաստային ամբողջութիւն կազմող երկտողով եւ ունի աղերսի ու մաղթանքի բնոյթ` ուղղուած Աստուծոյ, Աստուածածնին կամ այն սուրբին` որուն նուիրուած է, կ’աւարտի «աղաչեմք» բառով։ Կրկնակը նոյնութեամբ առկայ է բոլոր տուներուն մէջ, բացառութեամբ վերջին` չորրորդէն։ Հնագոյն քարոզները լսկ խրատական բնոյթի ընթերցումներ էին, կամ արձակ շարադրանքով գոհաբանութիւններ, որոնք կոչուած էին աղօթքի հրաւիրելու ունկնդիր հասարակութիւնը։ Նորագոյն քարոզները` խրատներ կամ աղօթքներ չէին, անոնք եկեղեցական տօներուն նուիրուած բարձրարուեստ բանաստեղծութիւններ էին, տօնին խորհուրդը աւելի գրաւիչ եղանակով, մատչելի եւ հասկնալի դարձնելու նպատակով։ Ասկէ յառաջ կու գայ անոնց ոչ այնքան աղաչական, որքան տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած պատմողական-նկարագրական բնոյթը։ Համապատասխանաբար կ’ընդարձակուի անոնց ծաւալն ու կրկնակը, առանձին տուն կը դառնայ վերջաբանը` ստանալով իւրատեսակ բովանդակութիւն, կ’օգտագործուի ծայրակապը` արտայայտուած տուներու սկզբնատառերով, եւ մինչ այդ իբրեւ ընթերցուած արտայայտուող միաւորները կը դառնան երգեր` յատուկ եղանակաւորումով։ (Երաժշտական առումով` գանձերը համեմատելի են շարականներուն հետ, այն տարբերութեամբ, որ գանձերը առաւելապէս պատմողականնկարագրական բովանդակութիւն ունենալով` կատարուած են ասողական եղանակով)։ Չափածոյ խօսքի զարգացումի իր նոր քայլով` Գրիգոր Նարեկացին դարձաւ մեր առաջին գանձասացը, որուն հետեւեցան ուրիշներ ալ, միջնադարեան եկեղեցական գրականութիւնը հարստացնելով բազմաթիւ գանձ-

132


քարոզներով, յետագային զանոնք ամփոփելով մասնաւոր ժողովածուներու մէջ։ Առհասարակ բոլոր գանձերուն համար օրինաչափութիւն կը դառնան Գ. Նարեկացիի գանձերուն առանձնայատկութիւնները։ Ժամանակի ընթացքին անոնք կ’ենթարկուին խմբագրումի, ազատ եւ անյանգ բանաստեղծութիւններէն` կը վերածուին կանոնաւոր տաղաչափութեամբ ու յանգերով գրուած երգերու, կը կորսնցնեն քարոզ անունը, ձեռք կը բերեն աւելի պարզ շարադրանք, բայց կառուցուածքը հիմնականին մէջ կը մնայ նոյնը։ Աւելի ուշ, եկեղեցական տօներու շրջանակէն դուրս գալով, գանձերը կը թեւակոխեն աշխարհիկ-կենցաղային հարցերու ոլորտը, օգտագործուելով զանազան ծէսերու եւ մասնաւորապէս թաղումի արարողութեան ժամանակ (նման գանձերէն ուշագրաւ են Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի գանձերը` նուիրուած իր հարազատներուն, Ագուլեցի խոճա Խոսրովին եւ ուրիշներու)։ Տաղը` գանձին կից հանդէս եկող միաւորներուն հիմնականն է։ Գանձարաններուն մէջ` տաղը կը հասկցուի իբր հոգեւոր երգի որոշակի տեսակ մը, որ կարելի չէ շփոթել ոչ գանձի, ոչ շարականի, ոչ ալ այլաբնոյթ որեւէ ստեղծագործութեան հետ։ Տաղերը փոքրածաւալ եւ կուռ ստեղծագործութիւններ են` տէրունական եւ սուրբերու տօներու յատուկ երգեր, կապուած համապատասխան գանձերու հետ։ Գանձարաններուն մէջ տեղ գտած տաղերուն առաջին հեղինակը կը համարուի Գրիգոր Նարեկացին։ Պէտք է նկատել, որ գանձերուն նման` տաղերն ալ իրենց սաղմնային տարրերով կապուած են աւելի կանուխ ժամանակներու հետ։ Պահպանուած են որոշ տաղեր` որոնք Գրիգոր Նարեկացիի տաղերէն առաջ կրնան յօրինուած ըլլալ։ Տաղ բառը` հայ գրականութեան մէջ ծանօթ է Ե. դարէն, սակայն տաղի սեռը որոշակի կերպարանք կը ստանայ Գրիգոր Նարեկացիի, ապա Ներսէս Շնորհալիի եւ միջին դարու ուրիշ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Տաղերն ու գանձերը իրարմէ կը տարբերին, ինչպէս արտաքին` կառուցւածքային յատկանիշներով, այնպէս ալ իրենց ստեղծագործական լիցքաւորումով եւ բանաստեղծական ներշնչանքով։ Գանձերը` որպէս պատմողական-նկարագրական բնոյթի երգեր, կը ձգտին տալ բուն նիւթի բովանդակութեան շարադրանքը, այս իմաստով աւելի Էպիկական են։ Տաղերու պարագային` նոյն նիւթը կը վերարտադրուի մեծ ոգեւորութեամբ եւ կենդանի պատկերներով, նպատակ ունենալով բանաստեղծութեան հաղորդել յուզականութիւն եւ երաժշտականութիւն։ Եթէ գանձերու խազերը պարզ են ու աղքատիկ, ընդհակառակը` տաղերու խազերը անհամեմատ ճոխ են։ Գրիգոր Նարեկացիի բանաստեղծութիւններէն որոշ միաւորներ` գանձարաններու մէջ կը ներկայանան փոխ խորագրով։ Եկեղեցական գրականութեան

133


մէջ «փոխ» կը կոչուի սաղմոսի սկիզբը` կցուրդէն յետոյ, կամ Աւետարանի որեւէ մասը, ինչպէս նաեւ ուրիշ ընթերցուածներ, որոնք կը կարդացուին ժամերգութեան ութ ձայնի համաձայն։ Գրիգոր Նարեկացիի գանձերն ու տաղերն ալ ունին փոխեր, սակայն այլ բնոյթի։ Սովորաբար, գանձերուն մէջ փոխը վերջին տունն է։ Նարեկացիի տաղերուն մէկ մասը ինքնուրոյն եւ լիարժէք բանաստեղծութիւններ են, իսկ միւս մասն ալ` տաղին առանձին հատուածը։ Առաջինները` կցուելով համապատասխան տաղերուն, կը կազմեն տաղ եւ փոխ զոյգեր` իբրեւ երգային միասնական ամբողջութիւն։ Այդ փոխերը իրենց տաղերէն կը տարբերին թէ տաղաչափութեամբ եւ թէ ձեւով։ Փոխի միւս տեսակը ոչ թէ ինքնուրոյն բանաստեղծութիւն է, այլ տաղին մասը` անջատուած ամբողջէն եւ նկատուած իբրեւ փոխ։ Գրիգոր Նարեկացիի տաղային միաւորներու առանձնայատկութիւնները աւելի դրսեւորուեցան Ներսէս Շնորհալիի բանաստեղծութիւններուն մէջ, եւ անոր կողմէ մշակուելով` հասան զարգացումի նոր աստիճանի մը։ Ուշ շրջանի ձեռագիրներուն մէջ` «փոխ» բառը յաճախ փոխարինուած է «յորդորակ»ով, որ ունի յորդոր, աշխոյժ ձայնով երգելու իմաստ։ Գրիգոր Նարեկացիի տաղային որոշ միաւորներ` ձեռագիրներու մէջ կը հանդիպին մեղեդի անունով։ Մեղեդիները արտաքնապէս տաղերէն գրեթէ չեն տարբերիր։ Մեղեդի կը կոչուին յատկապէս Նարեկացիի տաղային այն միաւորները` որոնք օժտուած են նուրբ քնարականութեամբ եւ երաժշտականութեամբ։ Պէտք է ենթադրել, որ մեղեդին տաղէն առանձնացուած է իր երաժշտական եղանակով եւ հաւանաբար երգուած է աւելի մեղմ ու քնքուշ, քան տաղը։ Որպէս կանոն` Գանձարաններուն մէջ ի մի բերուած են զանազան հեղինակներու գանձերն ու տաղերը. համահաւաք գանձարաններէն զատ կան ժողովածուներ` ուր ընդգրկուած բոլոր նիւթերը կը պատկանին մէկ հեղինակի։ Տակաւին չէ պարզուած Գանձարանին` իբրեւ ուրոյն ժողովածու ձեւաւորումին հարցը. յայտնի չէ` թէ ինչո՞ւ, ե՞րբ, որո՞ւ կողմէ եւ որո՞ւն հաւանութեամբ ընդունելի համարուած է անոնց պաշտօնական մուտքը հայ եկեղեցւոյ ծիսակարգը։ Գանձարան կամ Գանձտետր անունով ժողովածուներուն ամենահին օրինակութիւնները ԺԳ.-ԺԴ. դարերէն են։ Արմինէ Քէօշկէրեան խմբաւորած է հինգ տեսակ Գանձարաններ. Ա. Գանձարաններ` որոնք միայն գանձեր կը բովանդակեն։ Բ. Գանձարաններ` որոնք կը բովանդակեն միայն տաղային միաւորներ։ Գ. Գանձարաններ` որոնք կը բովանդակեն գանձեր եւ քանի մը տաղային միաւորներ. անոնք երբեմն կից են համապատասխան գանձերու, բայց յաճախ խմբուած են ժողովածուին վերջը։ Դ. Գանձարաններ` որոնք կազմուած են երկու առանձին բաժիններէ.

134


առաջին մասը` զուտ գանձեր, իսկ երկրորդը` տաղային միաւորներ։ Ե. Գանձարաններ` որոնք կը բովանդակեն թէ գանձեր եւ թէ տաղային միաւորներ. վերջինները` որպէս կանոն, կից են համապատասխան գանձերուն։ Այս տեսակի ժողովածուները կատարեալ Գանձարաններ են։ Գանձարանային նիւթեր կը գտնուին նաեւ Ժամագիրքերու, Ճաշոցներու, Յայսմաւուրքներու եւ յատկապէս Մաշտոցներու մէջ` որոնց մէջ ընդգրկուած են ինչպէս առանձին գանձեր ու տաղեր, այնպէս ալ ամբողջական Գանձարան։ Մասնաւորապէս ուշ շրջանի Մաշտոցներուն մէջ աւելի մեծ տեղ յատկացուած է ծիսական բնոյթի գանձերուն եւ տաղերուն. նման ժողովածուները կը կոչուին Մաշտոց-Գանձարան։ Գանձարանի` իբրեւ ժողովածուի, գոյութեան մասին հին վկայութիւններ չկան. 1241 թուականը կը կրէ պահպանուած ամենահին գրչագիրը` որ Փարիզի Ազգային Մատենադարանի թիւ 79 ձեռագիրն է, որուն առաջին մասը կը բովանդակէ գանձեր, եւ երկրորդը` տաղային միաւորներ։ Դրազարկի մէջ գրի առած իր ընդարձակ յիշատակարանին մէջ Յովհաննէս գրիչը կը գրէ. Վասն զի ոչ ունելով ոչ Գանձարան, ոչ Տաղարան եւ ելեալ ի խնդիր օրինակի հռետորական։ Գանձերէ կազմուած թուակիր ամենահին ժողովածուն` Մաշտոցի անուան Մատենադարանի թիւ 2061 ձեռագիրն է, որ օրինակուած է Տիրաշէնի մէջ` 1310 թ.։ ԺԴ. դարու վերջին տասնամեակներուն` գանձարանային նիւթերը եւ Գանձարան ժողովածուները զարգացումի նոր շրջան մը կը թեւակոխեն։ Այս նոր շրջանին տակաւին առկայ են Գրիգոր Նարեկացիի մշակած ձեւերը. զարգացումը կ’ընթանայ այդ ուղիով` որպէսզի տօներուն շարքը հարստանայ, գանձարանային միաւորներուն քանակը մեծնայ եւ գանձերուն կցուող տաղային միաւորները ճոխանան։ Գանձարաններու խմբագրումը կ’իրականացնէ Գրիգոր Խլաթեցին, որ ձեռնամուխ կ’ըլլայ նաեւ տաղային կցորդներու լեզուի պարզեցումին եւ ատոնց յանգաւորումին։ Գրիգոր Նարեկացիի եւ անոր յաջորդներուն ազատ եւ անյանգ ոտանաւորներուն փոխարէն` յառաջ կու գան կանոնաւոր տաղաչափութեամբ գրուած գանձեր, անցեալին ատոնց տրուած «քարոզ» անունը կը փոխարինուի «գանձ»-ով։ Այս խումբի ժողովածուներուն մէջ, որոշ հեղինակներու գանձերուն երբեմն կը նախորդեն յանգաւոր փոքրիկ ստանաւորներ` բաղկացած չորս, վեց կամ ութ տողէ, որոնք «կաֆա» կը կոչուին։ Կաֆաները` տուեալ գանձին բովանդակութեան, կատարումի ձեւին ու եղանակին վերաբերող տողեր են, որոնք յաճախ իրենց սկզբնատառերով կը յօդեն հեղինակին անունը։

135


Նոր շրջանի Գանձարանները իրենց ծաղկումի գագաթնակէտին կը հասնին ԺԵ.-ԺԶ. դարերուն, համապատասխանելով հասարակական պահանջներու զարգացումին։ Հետագայ դարերուն, Գանձարաններու կիրարկութեան աստիճանական կրճատումով` կը նուազի նաեւ անոնց օրինակութիւններուն քանակը եւ կը փոխուի գանձերուն կառուցուածքը։ Պահպանուած են ԺԸ.-ԺԹ. դարերուն պատկանող քանի մը օրինակութիւններ, որոնք շատ կը տարբերին մեզի յայտնի Գանձարաններու երկու խումբերէն։ Այդ ժողովածուները ծաւալով շատ փոքր են եւ թերի. տպագրական նպատակներով պատրաստուած ժողովածուներ են եւ չեն կրնար բնութագրական ըլլալ միջնադարեան լիարժէք Գանձարան ժողովածուներուն համար։ ***

Գրիգոր Նարեկացիի գանձերուն եւ տաղերուն քննական բնագիրը կազմելու համար` Արմինէ Քէօշկէրեան օգտագործած է Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, Փարիզի Ազգային Մատենադարանի, Անթիլիասի, Երուսաղէմի, Դիւպինկէնի եւ Լվովի հաւաքածոներուն ձեռագրերը եւ տպագիր բազմաթիւ աղբիւրներ։ Յատկապէս նկատի առնուած են ԺԳ.-ԺԴ. դարերու Գանձարան ժողովածուները, որոնց տասնեակ մը օրինակները կը ներկայացնեն Գանձարաններու բոլոր տարատեսակները։ Գրիգոր Նարեկացիի բանաստեղծութիւններուն մեծ մասը յայտնի է մէկ կամ քանի մը հրատարակութիւններով։ Տպագիր ժողովածուներէն` Քէօշկէրեան նախընտրութիւնը տուած է 1840 թ. Վենետիկ հրատարակուած հատորին, ուր կան երեք գանձեր եւ տասնեօթը տաղեր։ Գանձի, տաղի եւ փոխի յարաբերութեան համար` Ա. Քէօշկէրեան նպատակայարմար գտած է նախ ներկայացնել տաղերու եւ փոխերու բնագրերը, ապա գանձերը` առանձին խումբերով։ «Յաւելուածներ» բաժինին մէջ զետեղուած են Գրիգոր Նարեկացիին վերապահութեամբ առընչուող հինգ տաղերը եւ մէկ գանձը։ Բոլոր բնագրերը համարակալուած են այբբենական կարգով` Ա-ԼԶ, եւ որոշ միաւորներ ներկայացուած են տարբերակներով, որով միաւորներուն ընդհանուր թիւը քառասունմէկ է։ Բնագրերու հրատարակութեան համար` Արմինէ Քէօշկէրեանի կիրարկած սկզբունքներէն կ’ուզենք նշել մէկ քանին։ Ի տարբերութիւն մինչեւ հիմա եղած հրատարակութիւններուն` գանձերը ոչ միայն տնատուած են, այլեւ տողատուած` ըստ իրենց իմաստին եւ շարահիւսական առանձնայատկութիւններուն։ Տաղերու տողատումի եւ տնատումի պարագային հաշուի առնուած է նախորդ բանասէրներու փորձը, երբեմն ալ փոփոխութիւններ եւ ճշգրտումներ կատարուած են։ Բնագիրներու կէտադրութիւնը կատարուած է քերականական

136


արդի օրէնքներուն համաձայն։ Յայսմաւուրքը Գրիգոր Նարեկացիի մասին կը գրէ` թէ Եւ զի ջան եւ փոյթ էր Սրբոյն վասն միաբանութեան եկեղեցեաց. զի զեղծեալ եւ անփոյթ արարեալ կարգս եկեղեցւոյ սրբոյ ի ծուլից եւ մարմնասէր առաջնորդաց կամէր հաստատել եւ վերստին նորոգել։ Մեր օրերուն` միջնադարեան մեր մշակութային բոլոր գանձերը «վերստին նորոգել»ու իրաւասութիւնը տրուած է Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Գիտական Խորհուրդին, որուն որոշումով լոյս տեսած է Գրիգոր Նարեկացիի Տաղեր եւ գանձերը, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ա. Շ. Մնացականեանի պատասխանատու խմբագրութեամբ, հիմնուելով գրախօսներու` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուներ Օ. Ս. Եգանեանի եւ Պ. Մ. Խաչատրեանի հրատարակութեան երաշխաւորութեան վրայ։ Օգտագործուած աղբիւրները (էջ 283-302) եւ կատարուած ծանօթագրութիւնները (էջ 251-282) լիովին կը վկայեն բնագրագիտական եւ բանասիրական հմտութիւնը Արմինէ Քէօշկէրեանի` որուն աշխատասիրութեամբ մեզի կը յայտնուի Գրիգոր Նարեկացիի գանձերուն, տաղերուն եւ փոխերուն ծածկեալ խորհուրդը։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 20 Փետրուար 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19078 22 Փետրուար 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19079 23 Փետրուար 1982, 66-րդ տարի, թիւ 19080

137


1915-1920 ԹԹ. ԵՐԿՈՒ ՎԱՒԵՐԱԳՐԵՐ` ՄԱՐՏԻՆԻ ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԵՒ ՍԷՖԷՐ ՊԻՐԼԻՔԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Լոյս տեսած է Գահիրէի Ֆրանչիսկեան Հայրերու Քրիստոնէական Արեւելագիտութեան Կեդրոնի գիտական տարեգիրքը, Studia orientalia Christiana.Collectanea, 1996-1997 տարիներու միացեալ հատորը` թիւ 29-30։ Ձեռքի տակ ունիմ այդ ստուար հատորէն, 220 էջնոց առանձնատիպը` ‘P.V.M., Documents sur les événements de Mardine. (1915-20)’, որուն շահեկանութեան` կը փափաքիմ հաղորդակից դարձնել Ջահակիրի յարգելի ընթերցողները։ Այսպէս, մեզի կը ներկայացուին` Կեդրոնին մեղուաջան Տնօրէն, Հայր Վենսան Մուսթարիհի բազմամեայ որոնումներուն արդիւնք հանդիսացող, երեք վաւերագրերու խղճամիտ խմբագրութիւնը` նոյն գիտնական վարդապետին ֆրանսերէն թարգմանութեամբ եւ մանրախոյզ ուսումնասիրութեամբ ճոխացած։ Արեւելագէտ-հայագէտ գիտնական մը ըլլալէ առաջ, որպէս հոգեկան բարձր արժանիքներու տէր անձ` Հ. Վենսան Մուսթարիհ կը խորհրդածէ (նախաբան, էջ 8). Il est triste de revenir sur guerres, atrocités et massacres. Je n’ai l’intention d’attaquer personne. Toutefois, oublier et pardonner n’empêche pas de dénoncer les méfaits. Mentionner les injustices, les tortures, le meurtre, pour les condamner et ne pas les répéter։ voilà une tâche sacrée, voire recommandable à tous. ***

Առաջին վաւերագիր «Մարտինը` ինչպէս գիտեմ», արաբերէն բնագիր` ΎϬϓήϋ΃ ΎϤϛ ϦϳΩέΎϣ էջ 17-35, ֆրանսերէն թարգմանութիւն եւ ծանօթագրութիւններ` էջ 37-55, ծնունդով մարտինցի` Հալէպի կաթողիկէ համայնքի հայերէն, Իպրահիմ Գասպոյի յուշագրութիւնն է։ Իպրահիմ Գասպօ ծնած է Մարտին, 23 Մայիս 1899-ին։ Հայրը` Նաում էֆէնտի, Քաղաքապետարանի հանրային պարտուց բաժինին մէջ իրաւաբան եղած է, որ գործած է մինչեւ իր ձերբակալութիւնը` 1915 Յունիս 5, իր երկու երէց

138


որդիներուն հետ, Իլիաս` 26 տարեկան, եւ Մանսուր` 24 տարեկան. բոլորը միասին կոտորուած են` Գերապայծառ Իգնատիոս Մալոյեանի հետ, Յունիսի 11-ին։ Իպրահիմ` տարիքով աւելի փոքր ըլլալուն, մօրը, Քարիմ եղբօրը, Մարի եւ Զաքիյա քոյրերուն հետ Մարտինէն կը տարագրուի Ռաս ալ-’Այն, ապա ապաստան կը գտնեն Հալէպի մէջ, ուր ինք կ’անցընէ ամբողջ կեանքը. կը դառնայ վարպետ դերձակ մը` հասցնելով բազմաթիւ աշկերտներ։ Ինքնազարգացումով` կը սորվի արաբերէն, թրքերէն, քրտերէն եւ պարսկերէն լեզուները։ Ընթերցասէր ըլլալէ զատ, զանազան առիթներու հրապարակած է նաեւ յօդուածներ։ Եղած է բարեգործ անձ մը, որ գաղափարակից հայրենակիցներու հետ հիմնած է բարեսիրական ընկերակցութիւն մը` որ ցարդ կը գոյատեւէ, այլ անունով։ Ամուսնացած է իր համայնքէն Մարի Նազարի հետ, որ իրեն պարգեւած է չորս մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներ։ Իր կեանքին մասին այլ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։ Համապարփակ եւ յանկուցիչ նկարագրութեամբ կը ներկայացուի Մարտինը` որպէս շատ հին քաղաք, Ճեզիրէի (Միջագետք1) հիւսիսակողմը գտնուող բարձրադիր լերան մը կողին` մէկը միւսին վերեւ դաս-դասուած տնակներով։ Լերան կատարին գտնուող բնական անմատչելի միջնաբերդը` նոյնիսկ Լէնկ Թիմուրին դժուարութիւն յարուցած է։ Մարտին ենթակայ եղած է պարսիկներու, բիւզանդացիներու, քիւրտերու, հայերու եւ արաբներու տիրապետութեան եւ հուսկ մաս կազմած է Օսմանեան կայսրութեան։ Համաշխարհային առաջին պատերազմէն առաջ, բնակչութիւնը` մօտաւորապէս յիսուն հազար էր` որուն կէսը քրիստոնեայ, արաբախօս` դասական արաբերէն բառերու գործածութեամբ, սակայն խորքին մէջ, խառնուրդ մըն էր արաբերէնի, քիւրտերէնի, ասորերէնի, հայերէնի եւ թրքերէնի։ Ուղղափառ եւ կաթողիկէ ասորիներու Պատրիարքական Աթոռը գտնուած է Մարտին։ Այնտեղ կը գտնուին բազմաթիւ հին եւ նոր եկեղեցիներ` ինչպէս կաթողիկէ հայերուն Ս. Գէորգ եկեղեցին, կամ արեւելակողմի` արեւորդիներու

139


زðîÆÜÆ Ð²Ø²Úܲä²îκð ø³Õáõ³Í` Turquie« Istanbul« 1992« ½µûë³ßñçÇϳÛÇÝ Ñ³Ý¹¿ë¿Ý թաղամասին Սրբուհի Շըմունէ եկեղեցին։ Արեւորդիները` արեւապաշտ էին, եւ քրիստոնէութիւնը ընդունած են` ասորական ծէսով։ Կան նաեւ հինաւուրց վանքեր` Ս. Միքայէլի եւ Ս. Անանիայի անունով. երկրորդը` յիշատակուած ալ Զա’ֆարան անունով, ասորիներու պատրիարքական նստավայրը եղած է։ Կը յիշատակուին այլ վանքեր եւ եկեղեցիներ ալ, ինչպէս նաեւ մզկիթներ։ Ջինջ օդը եւ բարեխառն կլիման` քաղաքին ապահոված են ծաղկեալ պարտէզներ, բազմազան եւ համեղ պտուղներու առատութեամբ։ Շրջանին մէջ մշակուած է անուանի ծխախոտի տեսակ մը։ Քաղաքին բնակչութիւնը զբաղած է առեւտուրով եւ ճարտարարուեստներով։ Այս բոլորը գոյութիւն ունեցած է մինչեւ մեծ պատերազմը, ապա եղեռնէն փրկուողները ցրուած են Ճեզիրէի զանազան շրջաններ` ուր ծաղկեալ եւ բերրի վիճակի հասցուցած են անջրդի անապատը։

140


Իր ծաւալումին պատճառով, Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատուած էր` իր բնակչութեան ցեղային, ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեան համաձայն. թրքական վեց վիլայէթները` Էրզրում, Վան, Պիթլիս, Տիարպէքիր, Խարբերդ եւ Սվազ, կիսով չափ բնակուած էին հայերէ եւ քիւրտերէ։ Պետական կրօնքը դաւանելուն պատճառով` քիւրտերը ինքնիշխան տէրերը կը կարծէին ըլլալ այդ շրջաններուն, եւ հայերն ալ` կուրօրէն պարտաւոր էին հնազանդելու իրենց տէրերուն, անմնացորդ վճարելու պետական տուրքերը եւ տեղական հարկերը։ Այս կեղեքումներէն ձերբազատուելու համար` երբեմն, հարկադրուած դաւանափոխութիւններ տեղի կ’ունենային, կամ կրօնական պետերը Սուլթանին կը ներկայացնէին բողոքագրեր` որոնց խոստումներ կ’ըլլային, բայց ոչ մէկ բարւոքող գործադրութիւն տեղի կ’ունենար։ Բարեկարգութեան ամէն խնդրանքի հակազդեցութիւնը կ’ըլլար` համատարած սպանդ, գիւղերու հրկիզում եւ ստացուածքներու բռնագրաւում։ Արդարութեան գործադրութիւնը եւ ակնկալուած բարենորոգումները կը ձգձգուէին։ Երբ Սէֆէր Պիրլիքը2 սկսաւ` իր բոլոր պատուհասներով միասին, բազմաթիւ երիտասարդ հայեր զինուորական ծառայութեան մտան. իսկ Ռուսիոյ դէմ պատերազմ յայտարարուելուն` թրքական բանակը հարիւրաւոր քիլոմեդր նահանջեց երկրամասէն ներս, օսմանեան կառավարութիւնը այս պարտութիւնը վերագրեց հայերուն` թշնամիին հետ գործակցելու մեղսակցութեամբ, եւ զիրենք տարագրեց։ Այս ժողովուրդին ոչնչացումին իրական նպատակը` անոր բոլոր ստացւածքներուն տիրանալն էր, որովհետեւ ոչ եղած խոստումները եւ ոչ ալ դաշնադրութիւնները այլեւս արժէք կը ներկայացնէին։ Կայսրութեան ամբողջ տարածքին գործադրութեան դրուեցաւ այս դժոխային ծրագիրը` ամենավայրագ գործադրութեամբ, ոչ ոք ազատեցաւ, բացի անոնցմէ` որոնք հաւատուրաց եղան։ Զէնքերու յանձնումի հրահանգէն ետք, ամենախիստ կերպով բնակարանները եւ եկեղեցիները խուզարկուած են ռազմամթերք փնտռելու պատրուակով։ Հակառակ Աւագ Հինգշաբթի օրուան զուգադիպելուն, 3 Յունիս 1915-ը` դժբախտ օր մը կ’ըլլայ Մարտինի քրիստոնեաներուն համար. այդ երեկոյ Տիարպէքիրէն Մարտին կը հասնի սերփոլիս Մեմտուհ պէյը։ Ոստիկան մը Եպիսկոպոսարան երթալով, կ’ազդարարէ որ միւթեսարիֆը զինք կ’ուզէ տեսնել. եւ ընդունուած կարգին հակառակ` փոխանակ ձի հեծած առաջնորդելու, հետիոտն` մեծ թիւով ոստիկան զօրքերու ընկերակցութեամբ, կառավարչատուն կը տարուի եւ անմիջապէս բանտախուց կը մտցուի, արգիլելով որեւէ հանդիպում։ Գերապայծառ Մալոյեանի ձերբակալութեան մասին տրուած մանրամասնութիւնները` այլ աղբիւրներու մէջ չեն յիշատակուիր։ Ահաւոր սպանդը գործադրութեան դնելու համար, ոստիկանութիւնը կը տարածուի քաղաքին մէջ, ձերբակալելու համար հայ կաթողիկէ համայնքին

141


պատկանող` միայն երեւելիներէն, յիսնեակ մը անձեր։ Յաջորդ օրուան հրահանգն էր` ձերբակալել փողոցը հանդիպող ոեւէ մէկը. Մանսուր եւ Իլիաս եղբայրները կը ձերբակալուին, հայրը տունը կը մնայ հանգիստի օր ըլլալուն, բայց Շաբաթ` կը պարտաւորուի իր պաշտօնին վերադառնալ...։ Մինչ այդ, բոլոր ձերբակալուածները` մօտաւորապէս 560 հոգի էին։ Կը յայտարարուի` թէ բոլոր արգելափակեալները Տիարպէքիր պիտի փոխադրուին. այգաբացին` բոլորն ալ ձեռնակապ եւ հետիոտն կ’առաջնորդուին, ոչխարներու հօտի մը նման։ Տիարպէքիրը` երկու օրուան ճանապարհ էր. Մարտինէն հազիւ երեք ժամ հեռացած, այս հօտը` խումբ առ խումբ կը մտցնեն քարայրներու մէջ, որպէսզի քիւրտերը` տրուած հրահանգներուն համաձայն, չարչարեն եւ ոչնչացնեն զանոնք։ Ամիսներ ետք, քիւրտերը այս պատահարը կը հաղորդեն քրիստոնեաներու։ Բոլորն ալ` քրիստոնէական հաւատքի մարտիրոսներ կը դառնան։ Քանի մը օր խաղաղ անցնելէ ետք, լուր կը տարածուի` թէ «Սուլթան Մեհմէտ Ե. Ռեշատը հիւանդ էր եւ ապաքինեցաւ։ Ան ներում շնորհած է բոլոր հայերուն։ Իրեն յաղթանակ մաղթեցէք։ Հայերը պարտաւոր են բանալ իրենց խանութները եւ իրենց աշխատանքին վերադառնալ»։ Անոնք որոնք կը վերադառնան իրենց աշխատանքին` անմիջապէս կը ձերբակալուին եւ բանտ կը նետուին, առանց նկատի առնելու հարուստ կամ աղքատ ըլլալը, ինչպէս առաջին անգամ պատահած էր։ Մարտինի քրիստոնեաները երկու մասի բաժնուած էին` հայեր եւ ասորիներ. հայերու համայնքը ամենամեծն էր կաթողիկէ համայնքներէն, ատոր համար ալ` ամէն կաթողիկէ, «հայ» կոչուած էր։ Ասորի ըսելով` յակոբիկեանները կը ճանչցուէին։ Այս անգամ բանտարկեալները չարչարած են` շիկացած շամփուրով, անկախաբար` գանահարումէն, եղունգները քաշելէն եւ մօրուքը փետտելէն։ Թիւով 500-ը ամբողջանալէ ետք, բոլորը կապկպուած կամ շղթայակապ կը տարուին, կէս ճամբուն երկու մասի բաժնուելով. առաջին խումբը` մեծամասնութեամբ Թէլ Արման գիւղի հայ համայնքէն, խեղդամահ կ’ըլլայ։ Երկրորդ խումբը` մինչեւ յաջորդ օր կը պահուի քարայրի մը մէջ. յաջորդ առաւօտ, Տիարպէքիրէն եկած սպայի մը կողմէ խումբը կ’առաջնորդուի Տիարպէքիր` ուր խանի մը մէջ տեղաւորուելէ ետք, կը վերադարձնէ Մարտին։ Երկու օրէն կաթողիկէ ասորիները եւ քաղդէացիները ազատ կ’արձակուին։ Յունիսի վերջերը, այրերու կոտորածէն ետք, հերթը եկած էր կիներուն եւ երախաներուն, սկսելով Ճանանճի, Գասպօ, Պուղուս, Շալլըմէ, Ատամ, Չըրմա, Քինտիր, Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Սարքէ ընտանիքներէն, մօտաւորապէս եօթանասուն հոգի։ Յաջորդ առաւօտ, անուններու ընթերցումէն ետք, ճամբայ կ’ելլեն դէպի Ապտիւլ Իմամ կոչուած գիւղը` ոստիկաններու ուղեկցութեամբ, այնտեղ` Մեմտուհ պէյը կը հրահանգէ իրեն յանձնել, իրենց վրայ կրած դրամը,

142


գոհարեղէնը եւ այլ թանկարժէք իրեր։ Ապա, այս մարդիկը իր արբանեակներուն յանձնելով` կը հեռանայ. անմիջապէս կը պաշարուին պետեւիներէ եւ քիւրտերէ` որոնք, անոնց կրած զգեստներն ալ առնելէ ետք, գազանաբար կը յարձակին...։ Աղջիկներ եւ երախաներ իրենց մօտ կը պահեն` որպէսզի բարձր գիներով վաճառեն։ Հինգ օր ետք, փոքրաթիւ խումբի մը հետ, Իպրահիմը, մայրը եւ Ապտէլ Քարիմ եղբայրը ճամբայ կ’ելլեն դէպի ’Ուգպաթ ալ-Ղարս. քաղաքէն դուրս գալէ ետք, Մեմտուհ պէյ կը պահանջէ իրեն յանձնել ամբողջ դրամը եւ գոհարեղէնները, ապա ճանապարհը կը շարունակուի։ Կը տեսնեն մարդկային խլեակներ ամէն ձեւի...։ Յուլիսի հեղձուցիչ տօթին կը յառաջանան դէպի Ռաս ալ-’Այն, նեխած եւ կազմալուծուած դիակներու ընդմէջէն. հաւաքաբար զղջման աղօթքը արտասանելէ ետք` մահուան նախապատրաստուելով, կը քալեն «Ճարճապ» կոչուած վայրը, ուր գարշահոտ եւ անախորժ ջուրի հոսանք կար։ Բոլորը կը թափին այդ գորշ ջուրին վրայ եւ անյագաբար կը խմեն...։ Կը հասնին Ռաս ալ-’Այն` ուր կային հազարաւոր հայ կիներ, ծերունիներ եւ երախաներ, պետեւիներով եւ չէրքէզներով շրջապատուած, որոնց տրամադրուած էր միայն ալ-Խապուր գետակին ջուրը։ Այնտեղ կը մնան շաբաթ մը, ապա քայմաքամին թոյլտուութեամբ, շատեր կը յաջողին երկաթուղիով Հալէպ հասնիլ։ Հալէպի մէջ, անոնք բախտ կ’ունենան ծանօթի մը հանդիպելու եւ ժամանակ մը անոր մօտ մնալու։ Թիֆիւսը եւ այլ հիւանդութիւններ աւեր կը գործեն. սովատանջ ամբոխը` Քարըլըք թաղամասէն հաւաքուելով, կը քշուի անապատին մէջ, ուր կ’ըլլայ բոլորին գերեզմանը. Քարըլըք հայերուն վաճառքի շուկան էր` շատ մայրեր իրենց զաւակը կը ծախէին ոչինչ գինով մը, այդ գումարով քանի մը օր աւելի ապրելու` յետոյ մեռնելու համար։ Իրենց արաբախօսութեամբ` մարտինցիները կը նպաստաւորուին Հալէպի մէջ եւ զանազան տեսակի աշխատանք կրնան ճարել։ Իպրահիմ Գասպոյին հայրը` տունին թանկարժէք իրերը, գոհարեղէնները եւ դրամը ղրկած է եղեր Գերապայծառ Իսրայէլ Աուտոյին, Քաղդէացիներու Եպիսկոպոսին. շատ դժուարութեամբ կարելի կ’ըլլայ այդ դրամը Հալէպ փոխանցել։ Ընտանիքին վեցամեայ աղջնակը կը մնայ Մարտին` մեծ քրոջ քով, յետագային` Քարիմա մօրաքրոջ հետ կ’անցնի Հալէպ եւ կը միանայ ընտանիքին։ Մարտին մնացողներուն մնացեալ մասը կը քշուի Տէր Զօր, եւ կը մեռնի ճանապարհի ընթացքին։ Իրենց ընտանիքի անդամներէն մեծ մաս մը կը գտնուի պետեւիներու եւ արաբներու ծառայութեան մէջ` շատ թշուառ վիճակի մէջ։ Ալ-Պապ, Մեմպիճ, Մեսքենէ, Ռաքքա, Շատտատեհ քշուած տարագիրները լքուած էին պետեւիներու եւ չէրքէզներու քմահաճոյքին. կ’ըսուի թէ այդ ահաւոր

143


սպանդին զոհերուն թիւը կը հասնի յիսուն հազարի։ Անոնց ոսկերոտիքը հաւաքելով` հսկայական բլուր մը կազմուեցաւ։ Այս ժողովուրդին ապրած դժբախտ պատահարները արձանագրելու համար, հաստափոր հատորներ պէտք պիտի ըլլային, կ’եզրակացնէ յուշագիրը. ան Աստուծմէ կը հայցէ ոյժ եւ համբերութիւն` դիմագրաւելու համար անցեալի բոլոր եղելութիւնները, զի Ան կը լսէ եւ կ’ընդունի պաղատանքները։

Երկրորդ վաւերագիր Յուշեր Մարտինի պատահարներուն մասին, 1915 եւ յաջորդները, արաբերէն բնագիր` ιΎΨηϷ΍ ϰϟ· ϪϠϘϧ Ύϣϭ ΎϴμΨη ϰϨϴϋ ϡΎϣ΃ ΕΪϫΎη Ύϣ ΏΎΘϜϟ΍ ϯϮΘΤϳ ˬϦϳΩέΎϣ ϰϟΎϫ΃ Ϧϣϭ .ϭ.Ώ.ω ϒϴϟ΄Η Ϧϣ ϦϳΩέΎϣ ϰϓ ΔϴΤϴδϤϟ΍ ΔΒϜϧϭ ϢϠψϤϟ΍ ϰϠϋ ϥϮϓήθϳ ΍ϮϧΎϛ Ϧϳάϟ΍ էջ 64-109, ֆրանսերէն համառօտութիւն եւ ծանօթագրութիւններ` էջ 110-129, դարձեալ արաբերէն բնագիր` էջ 131-175, նոյնին ֆրանսերէն համառօտութիւնը եւ ծանօթագրութիւնները` էջ 176-1893։ Այս ձեռագրին լուսապատճէնին ծանօթանալէ ետք, հրատարակիչը` յուշագիր հեղինակին հանդիպած է Քամիշլիի մէջ. կարճ` բայց սիրալիր հանդիպումի մը ընթացքին, գիտնական Վարդապետը կրցած է քաղել անոր կեանքին եւ յուշագրութեան մասին դոյզն մանրամասնութիւններ։ Յուշագիրը ծնած է Թէլ Արման` Մարտինի մերձակայքը, 1883-ին` ըստ իր ձեռագրին արձանագրութեան. ապրած եւ մահացած է Քամիշլիի մէջ` 96 տարեկան հասակին, առանց մասնաւոր հիւանդութենէ մը տառապելու։ Կ’ըսուի թէ շատ հաճելի պատմող մը եղած է` աշխոյժ ոճով. սակայն իր յուշագրութիւնը` գեղջկական լեզուով է, Մարտինի արաբերէնով, որովհետեւ հազիւ նախակրթարանի քանի մը դասարան կրցած է յաճախել։ Յուշագրութիւնը կատարուած է երկու օրինակով, որոնցմէ մէկը` 207 էջ, 20,5x15 սմ. տետրակ մըն է, նախնական եւ անկանոն գրութեամբ, առանց տեղի եւ թուականի նշումի. անաւարտ մնացած է։ Հրատարակիչին մատչելի եղած է միայն մէկ խմբագրութիւնը։ Առանց խորագրի այս յուշագրութեան սկիզբը` հեղինակը կը յայտնէ, թէ այս գիրքը կը բովանդակէ` ինչ որ անձնապէս ականատես եղած է, եւ ինչ որ ուրիշներ հաղորդած են` 1915 թ., Մարտինի եւ շրջակայքին մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեաներու դէմ կատարուած վայրագութիւններու եւ կոտորածներու մասին։ Յուշագրութիւնը բաղկացած է երկու մեծ մասէ. առաջինը` յատկացուած է հայերուն կրած աղէտներուն, երկրորդը` ասորիներուն։ 1914 թ. Օգոստոսին, Թուրքիա կը մասնակցի Մեծ Պատերազմին. կը կազմուին խումբերը` 20-25-30 տարեկան այրերու մասնակցութեամբ, եւ բոլորն ալ կ’ուղարկուին ռուսական ճակատ։ Մարտին անուանի եղած է իր հարստութեամբ եւ բարգաւաճութեամբ, առեւտուրով եւ ճարտարարուեստով` քրիստոնեաներու գերակայութեամբ։ Հայերը ունեցած են իրենց ստացուածքները, նոյնիսկ երեք յարկանի քարաշէն գեղեցիկ

144


145

زðîÆÜ ºô Þðæ²Î²Ú ø²Ô²øܺðÀ ø³Õáõ³Í` Turchia« Guide del Mondo« Touring Club Italiano« 1995


շէնքերով, եւ շրջապատի մահմետականներուն հետ ապրած են խաղաղ մթնոլորտի մէջ. հակառակ այս իրողութեան` անիմանալի վայրագութիւններ գործուած են այնտեղ։ Մարտինի համայնքներու հետաքրքրական վիճակագրութիւն մը կը ներկայացուի. Կաթողիկէ հայեր 1600 ընտանիք Ուղղափառ ասորիներ 1200 ,, Կաթողիկէ ասորիներ 450 ,, Քաղդէացիներ 200 ,, Բողոքական աւետարանականներ 75 ,, Լատիններ 45 ,, 3570 ընտանիքներու այս ցուցակին պէտք է աւելցնել` Թէլ Արմանի կաթողիկէ հայերու 700 ընտանիքները, որով կաթողիկէ հայերու ընտանիքներուն ընդհանուր թիւը կ’ըլլայ` 2300, իսկ բոլոր քրիստոնեաներու` 4270։ Շրջակայքի գիւղերուն վիճակագրութիւնը` թերի է, ինկած թերթի մը պատճառով. Քալ ’աթ Մարա 350 ընտանիք, կաթ. եւ ասորի.Մարտինէն 3 քմ. Կոլլիյա 550 ընտանիք, կաթ. եւ ասորի.Մարտինէն 5 քմ. Մանսուրիյա 400 ընտանիք, կաթ. եւ ասորի.Մարտինէն 3 քմ. Պանապիլ 120 ընտանիք. Մարտինէն 6 քմ. Ռաշմալ եւ Քըպալա 50 ընտանիք. Մարտինէն 9 քմ. Պեքէրի 30 ընտանիք. Մարտինէն 35 քմ. Տարա 120 ընտանիք. Չիֆիթլիք 30 ընտանիք. Ուէնա 70 ընտանիք. Այս բոլոր շրջաններու բնակիչներն ալ` տարագրուած, կողոպտուած, բազում ձեւերով չարչարուած, լլկուած, սպանուած են անգթօրէն։ Կոտորածները սկսած են 1915 թ. Ապրիլին. Մարտին հասած են` Մայիսին։ Քանի մը անձերու անհետացումէն ետք, սկսած է տարագրութիւնը եւ սպանդը։ Սկիզբէն իսկ` թուրքերը կը պարտուին ռուսերէն, որոնք կը յառաջանան դէպի Պիթլիս. թուրքերը կը նահանջեն Էրզրումի, Վանի եւ Տիարպէքիրի շրջաններուն մէջ, դաւաճանութեամբ ամբաստանելով հայերը։ Սկզբնական շրջանին, միայն հայերը յարձակում կրած են, ասորիներուն ապահովութիւն ցոյց տրուած է` Օմար իպն ալ-Խաթթապին վերագրուած դաշնագրութեամբ, բայց շուտով` բոլոր քրիստոնեաներն ալ ենթակայ եղած են նոյն վերաբերումին...։ 1915 թ. Յունուարի սկիզբը, կառավարութիւնը Մարտին կ’ուղարկէ` հինգ հոգինոց յանձնախումբ մը, սննդանիւթերը բռնագրաւելու նպատակով. անոնք հինգ օր շարունակ կը կեղեքեն միայն քրիստոնեաները։ Ուրիշ, եռանդամ

146


յանձնախումբ մը` երկու ամիս շարունակ գանակոծել տուած է կիները, անոնց դասալիք ամուսիններուն ամբաստանութեամբ։ Կառավարութեան ծրագիրն էր` Էրզրումէն մինչեւ Տիարպէքիրի տարածքին, բոլոր հայերը բնաջնջել. այդ նպատակով` Տիարպէքիրէն Մարտին կ’ուղարկուի յանձնախումբ մը, Մեմտուհ պէյի նախագահութեամբ, որ տեղը հասնելուն` անմիջապէս գաղտնի ժողովի կը հրաւիրէ մահմետական երեւելիները, բացարձակ գաղտնապահութեամբ` անոնց գործակցութիւնը ապահովելու համար։ Հուսկ, կը յայտնէ` ամէնէն անգութ, վայրագ եւ կարծրասիրտ մարդոցմէ բաղկացած, յիսնեակ քաղաքազօրի կազմութեան ծրագիրը։ Մեմտուհ պէյը կը հաստատուի խաուակա Եունանի բնակարանը` որ կը դառնայ յիսնեակ քաղաքազօրի կեդրոնավայրը։ Յունիսի 3-ին, կացութեան արդէն իրազեկ, Գերապայծառ Իգնատիոս Մալոյեան կ’այցելէ իր եղբայրակից` կաթողիկէ ասորիներու առաջնորդ Գերապայծառ Թափփունիի, իրմէ հրաժեշտ առնելու, եւ իր հօտին հոգածութիւնը յանձնելու նպատակով. բաժանումի պահուն` կ’ըսէ. Աղօթեցէք բոլորիս համար, բոլորս ալ անմեղ ենք, վկաներ պիտի դառնանք։ Նոյն օրն իսկ, Գերապայծառ Մալոյեան կը ձերբակալուի իր տասներեք քահանաներուն հետ եւ բանտ կը նետուի, որոնց համար չարչարանքներու մասնաւոր խուց մը յարդարուած էր կանխաւ։ Երեւելիներու ժողովի մը ներկայութեան, Մեմտուհ պէյ` Գերապայծառ Մալոյեանէն կը պահանջէ իրեն յանձնել Ֆրանսայէն, Անգլիայէն եւ Ռուսիայէն ստացած զէնքերը. Գերապայծառը ազդու կերպով կը բողոքէ այդ զրպարտութեան դէմ, որուն ի պատասխան` Մեմտուհ պէյ արիւնլուայ վիճակի հասցուցած, կը ծեծէ զինք, ապա, Գերապայծառը կը վերադարձնեն իր խուցը` ուր իրեն եւ իր քահանաներուն կ’առաջարկուի իրենց հաւատքը ուրանալ։ Յաջորդ օրը, ազատութեան խոստումով` կը ջանան սուտ վկայութիւն ապահովել Գերապայծառ Մալոյեանի դէմ. մերժումի պարագային` անոնք կը չարչարուին, եւ կէս գիշերին, Ս. Միքայէլ եկեղեցիին մերձակայքը` հրացանազարկ կ’ըլլան։ Երկրորդ հարցաքննութեամբ` Մեմտուհի եւ տասնեակ մը երեւելիներու առջեւ, ազատութեան խոստումներով կը ջանան հաւատուրաց դարձնել Գերապայծառը եւ իր հօտին անդամները։ Յունիսի 8-ին, կէս գիշերին, 150 զինուորներու ուղեկցութեամբ, կ’առաջնորդուին Միքլապաթ կոչուած վայրը, ուր հարիւր հոգի կ’առանձնացնեն` խուզարկելէ եւ մերկացնելէ ետք, հրացանազարկ կ’ընեն։ Զինուորներուն շալկած հարուստ աւարը նկատալով, Գերապայծառը խումբին պետէն` կէս ժամ ժամանակ եւ երկու հաց կը խնդրէ։ Հացերը օրհնելէ ետք, մահապարտներուն կ’ըսէ.

147


Ժամը հասած է մարտիրոսութեան, ծունկի եկէք, եւ աղօթեցէք. ահաւասիկ Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը, պատրաստ եղէք` բոլորս պիտի մարտիրոսանանք։ Շայխանէի լեռներ կոչուած վայրին մէջ, Զարզավան միջնաբերդին մերձակայքը, կը նահատակուին 500 անձեր։ Շուտով կը տարածուի կոտորածներու լուրը, օրէնսգէտ-բժիշկը` իր բարեկամ Թափփունի Գերապայծառին կը յայտնէ, թէ տեսած է Գերապայծառ Մալոյեանի դիակը, վիրաւոր` գանկէն եւ կուրծքէն. դիակը` կանաչորակ էր, սակայն, կը շողար արտակարգ լոյսով մը։ Ուրիշ զինուորներ ալ` կը հաստատեն նոյն իրողութիւնը։

ܳѳï³Ï ¶»ñ³å³Ûͳé ƷݳïÇáë سÉáÛ»³Ý

148


¶»ñå© Æ·Ý³ïÇáë سÉáÛ»³ÝÇ Ñ»ï Ó»ñµ³Ï³Éáõ³Í Ñá·»õáñ³Ï³ÝÝ»ñáõ ó³ÝÏÁ Մեմտուհի հրահանգով կը ձերբակալեն 600 քրիստոնեաներ` ասորի, հայ, քաղդէացի, կէս գիշերին կը տանին մահապատիժի վայրը` ուր անակնկալ կը հասնի ձիաւոր մը, խումբը Մարտին վերադարձնելու հրահանգով, բացի հայերէն` որոնց բանտ կը նետեն։ Ոստիկանները շրջագայելով քաղաքին մէջ, կը հաւաքագրեն 600 երիտասարդ, ծեր եւ նոյնիսկ հիւանդ հայեր, որոնք քաղաքէն դուրս տարուելով, յիսնեակներու բաժնուած` կը կոտորուին քիւրտերուն աջակցութեամբ։ Դարձեալ Մեմտուհի հրահանգով կազմուած էր քսան հոգիէ բաղկացած յանձնախումբ մը` որ կը զբաղէր հայ ընտանիքներու տարագրութեամբ. տուները

149


լրիւ դատարկելէ ետք` կը կնքէին, հաւաքագրուած անձերը կը տարուէին եկեղեցւոյ բակը, այնտեղէն ալ` յիսնեակ քաղաքազօրի առաջնորդութեամբ, Ռաս ալ-’Այն հասնելու համար..., ճանապարհի ընթացքին` արդէն թարմատի աղջիկները կը վաճառուէին քիւրտերու կամ այլ ցեղերու, այնպէս որ հազիւ հարիւրեակ մը խլեակներ տեղ կը հասնէին։ Ռաս ալ-’Այն` անջրդի անապատ էր, ապաստանի եւ սննդանիւթի չգոյութեամբ։ Վաճառելի անձերէն` կին, աղջիկ, երախայ, ձերբազատուելէ ետք` մնացեալները կը կոտորուէին։ Ամբողջ Թուրքիոյ տարածքէն եկած, ապրողներուն թիւը` 20,000 էր, որոնցմէ 12,000 կը քշուին Շատտատէ` Մեսքենէէն 125 քմ. հարաւ, ուր անլուր տանջանքներով կը կոտորուին չէրքէզներու, չէչէններու, թուրքերու եւ ուրիշ ցեղերու կողմէ։ ***

Մարտինի հարաւ-արեւմտակողմը` հազիւ քսան քիլոմեդր հեռաւորութեամբ, կը գտնուէր Թէլ Արման գիւղը. քրիստոնեաները հոն հաստատուած են Ժ. դարուն, Տենիսէր կամ Խոճ Հիսար քաղաքին պաշարումէն ետք։ Գիւղը հիմնայատակ կործանած է 1915 թ. Յունիսին. կը հաշուէր մօտաւորապէս 700 ընտանիք, յաւելեալ` Մարտինէն եկած հարիւրեակ մը ընտանիքները, բոլորն ալ` կաթողիկէ հայեր։ Գիւղին մեծ եկեղեցին կը կոչուէր Ս. Գէորգ։ Կար շուկայ մը` հարիւրեակ մը խանութներով, ուր կը բարգաւաճէր առեւտուրը եւ կը ծաղկէին ճարտարարուեստները։ Խոճ Հիսարի մերձակայքը, 1912 թ., Թէլ Արմանի երեւելիներէն` խաուակա Ռաֆայէլ, իր ծախքով կը կառուցանէ 80 խանութներով շուկայ մը, կառավարչատունը եւ քաղաքապետարանը։ Բնակչութիւնը կ’ապրէր երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ, եւ ամէն ընտանիք` գրեթէ 200 գլուխ անասուն ունէր։ Բոլորն ալ` իրարու հետ համերաշխ կ’ապրէին առանց մրցակցութեան եւ դասակարգային բաժանումի։ 1915 թ. Ապրիլի 1-ին, թուրք ձիաւորներ կը պաշարեն գիւղը` զօրակոչի պատրուակով. Ս. Գէորգ եկեղեցիին բակը կը հաւաքեն 500 այրեր` նոյնիսկ ֆիզիքապէս անկարողները։ Նոյն գիշերն իսկ կը քշուին Մարտին` ուր կը բանտարկուին միջնաբերդին մէջ. ապա, երկու օր ետք, կը քշուին Գարա Ճուրան` ուր կը լծուին տաժանակիր աշխատանքի, երկաթուղագիծի հաստատումին համար։ Շատեր անսուաղութենէ կը մեռնին։ Դարձեալ Գարա Ճուրանի մէջ` Թուրքիոյ զանազան շրջաններէն հաւաքուած, մօտաւորապէս 7000 քրիստոնեայ զինուորներ կը կոտորեն եւ դիակներն ալ կ’այրեն։ Յուշագիրը` որ ականատես եղած է նկարագրած պատահարներուն, կրցած

150


է ճողոպրիլ սպանդէն` շնորհիւ քիւրտի տարազով ծպտուած ըլլալուն...։ Կոտորածէն ետք, Թէլ Արմանը` անուանափոխութեամբ, եղած է Քիզիլ Թեփէ։

Երրորդ վաւերագիր «Ինչ որ չէք գիտեր Հալէպի մասին. Սէֆէր Պիրլիքը», արաբերէն բնագիր` ξόΑ ϚϟήΑ ήϔδϟ΍ :ΐϠΣ Ϧϋ ϪϓήόΗ ϻ Ύϣ , էջ 195-199, ֆրանսերէն թարգմանութիւն եւ ծանօթագրութիւններ` էջ 200-205։ Այս կարճ նոթերը` Իպրահիմ Գասպոյի յուշագրութեան աւարտումն են. հեղինակը կ’անդրադառնայ Մեծ Պատերազմէն ետք յառաջ եկած բոլոր տեսակի աղէտներուն մասին` Հալէպի մէջ եւ այլուր։ Սէֆէր Պիրլիքի ժամանակակից անձերը արագ պակսելուն պատճառով, նախ քան ինքն ալ անոնց խումբին միանալը, հեղինակը կ’ուզէ այդ սեւ օրերու յիշատակները փոխանցել իր յաջորդներուն։

Æåñ³ÑÇÙ ¶³ëåáÛÇ ÇÝùݳ·Çñ-ӻ鳷ÇñÁ

151


Ոմանց համար Սէֆէր Պիրլիքը` նոր դարաշրջանի մը սկիզբը նկատւեցաւ. արդարեւ, Սէֆէր Պիրլիքը եւ Սուլթանը` մահմետականներու խալիֆան, ամենավատ յիշատակները թողած են Հալէպի, արաբական երկիրներու եւ հաւանաբար օսմանեան սուլթանութեան ենթակայ բոլոր երկիրներուն մէջ։ Հեղինակը նպատակ չունի 1914-1918 տարիներու ընթացքին` պատերազմին եւ ճակատամարտերուն մանրամասնութիւնը հաղորդելու, թէ ով յաղթանակեց, եւ ով պարտուեցաւ, այլ` գրագէտ եւ անգրագէտ մարդոց կրած դժուարութիւնները ներկայացնել։ Արդէն մարդոց մեծամասնութիւնը չէ գիտցած պատերազմին պատճառը, դաշնակից եւ հակամարտ կողմերը. մամուլն ալ սահմանափակուած է իշխող կողմին տարած յաղթանակները հրապարակելով։ Անգրագիտութիւնը ծայր աստիճանի իշխած է ժողովուրդին մէջ. կարդալ գիտցողները` բացառութիւն կազմած են։ Ինչ որ ժողովուրդը շահագրգռած է` եղած է, գիներու անսովոր բարձրացումը եւ անհրաժեշտ սննդանիւթերու չգոյութիւնը` յատկապէս սուրճը, շաքարը եւ քարիւղը, բայց առաւելաբար` հացը։ Ինչ որ գիտէին Սէֆէր Պիրլիքի մասին` երիտասարդներուն զինուորագրութիւնն էր օսմանեան բանակին մէջ, լքած կին եւ երախաներ։ Այդ պատճառով, կիները պարտաւորուած էին աշխատելու` երկաթուղիին կայանները զինուորներու վաճառելով հաց, հաւկիթ եւ նարինջ։ Երախաներն ալ` կիսամերկ թափառած են քաղաքին մէջ, մուրալու...։ Արժանապատուութիւնը` աստիճանաբար անկում կրած է։ Թիֆիւսը կը ճարակէ բնակչութիւնը. փողոցներուն մէջ կը տեսնուին ծերունի այրեր եւ կիներ` որոնք իրենց քաղցած վիճակը կը փորձեն արտայայտել, սակայն, քիչ ժամանակ ետք` սովատանջ կը վերջանան։ Քաղաքապետարանի մեռելակառքը կը հաւաքէ բոլոր դիակները, նետելու համար ընդհանրական յատուկ փոսի մը մէջ, վրան ալ` կիր թափելով։ Քաղաքին մեծ շուկաներուն խանութները փակ էին։ Մզկիթները, եկեղեցիները, դպրոցները վերածուած էին զինուորական հիւանդանոցներու։ Երիտասարդութիւնը` մեծ մասով զինուորութենէ կը փախչէր կամ դասալիք կ’ըլլար. այդ պատճառով է որ կառավարութիւնը փողոցներէն կը հաւաքէր զինուորութեան ատակ եղողները։ Ազատ մնալու փոխարէն` կրցողը կաշառք կու տար շրջող պահակախումբի պետին. սակայն, կեղեքումները վերջ չունէին։ Արաբ զինուորին նկատմամբ ալ` վերաբերումը վայրագ եղած է, զինք կոչելով փիս արապ։ Սէֆէր Պիրլիքի յայտարարութենէն իսկ, կառավարութիւնը կը բռնագրաւէ ամէն ինչ որ կրնայ օգտակար ըլլալ բանակին, նոյնիսկ շքեղանքի առարկաները։ Անշուշտ այս բոլորին համար ոչ ստացագիր տրուած է եւ ոչ ալ հատուցում եղած։ Մերթ ընդ մերթ, Պապ ալ-Ֆարաճի հրապարակը կախաղան բարձրացուած է դասալիք մը կամ լրտես մը։ Պատերազմի աւարտին` երբ մարդիկ սկսած են

152


ազատութիւն շնչել, սկսած են անցեալ տխուր եւ սեւ օրերուն մասին «բան» ստեղծել։ ***

Այստեղ աւելորդ կը նկատեմ նշել` թէ Ֆրանչիսկեան Հայրերու Քրիստոնէական Արեւելագիտութեան Կեդրոնին բոլոր հրատարակութիւններուն յատուկ, գիտական հանդերձանքով օժտուած է այս աշխատութիւնն ալ. էջ 9-10, սահմանափակուած է անհրաժեշտ «Մատենագիտութիւն»-ը` առաւել լուսաբանելու համար ներկայացուող երեք վաւերագրերը։ Աշխատասիրող հեղինակը կարեւոր կը նկատէ` այդ նորագոյն աղբիւրներուն մէջ մատնանիշ ընել երկու շատ քիչ ծանօթ վկայութիւններ, առաջինը` ϞΠδΗ ΓέΩΎϧ ΔϴΨϳέΎΗ ΔϘϴΛϭ .ΔΤϔλ ˾˹˽ ˬ˺̂˺̂ ΔϨγ ϰϟϭϷ΍ ΔόΒτϟ΍ ˬϥΎϴϋ ΪϫΎη ϢϠϘΑ ˬϯέΎμϨϟ΍ ΕΎΒϜϧ ϰϓ ϯέΎμϘϟ΍ ϲϔϨϟ΍ϭ ϒτΨϟ΍ϭ ϯΪόΘϟ΍ϭ ϢϠψϟ΍ Ϧϣ ϦϳΩέΎϣ ϰϓ ΎϤϴγ ϻϭ ϦϳήϬϨϟ΍ ϦϴΑ Ύϣ ΩϼΑϭ ΎϴϛήΗ ϰϓ ϦϴϴΤϴδϤϟΎΑ ϖΤϟ Ύϣ ϞϴμϔΗϭ ϝϮϤθΑ .˺̂˺̂ ΔϨγϭ ˺̂˺˽ ΔϨγ ϦϴΑ ΎϤϴϓϭ ˺́̂˾ ΔϨγ ϲϓ ϚϟΫϭ ϊ΋Ύψϔϟ΍ ή΋Ύγϭ ϞΘϘϟ΍ϭ ΢Αάϟ΍ϭ ϲΒδϟ΍ϭ .(ΐϠΣ) ˬϥϮόΒγϭ ΪΣ΍ϭ Δ΋ΎϤόδΗϭ ϒϟ΃ ΔϨγ ΖδϓϭϷ΍ ϰϠϋ ϪόΒρ Ϊϴϋ΃ϭ -

Ֆրանսերէն լեզուով բովանդակութիւն` Al-Qouçara fi Nakabat Annaçara (Les Calamités des Chrétiens), par un témoin occulaire, V p. Երկրորդը` J. Naayem, Les Assyro-Chaldéens et les Arméniens massacrés par les Turcs: Ouvrage illustré d’après des documents inédits, Paris: Bloud & Gay, 1920. Երկու հեղինակներն ալ մասնակից եղած են նկարագրուած եղերական պատահարներուն, որով, ներկայացուածները` պատմական վաւերագրի արժէք կը զգենուն։ Աշխատութիւնը կ’աւարտի «Յաւելուած»-ով մը, ուր քննական ցանկով մը` երեք այլ աղբիւրներու բաղդատումով, կը ներկայացուի 1915 թ. Մարտինի մէջ զոհաբերուած հայ կաթողիկէ կղերը (էջ 207-208), Բ. վաւերագրին մասին` բնագրային քննական ծանօթագրութիւններ (էջ 209-210), Բառգրքոյկ մը` անգլերէն, հայերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն եւ թրքերէն լեզուով գործածուած բառերու (էջ 211-212), Անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկը (էջ 213-219), եւ հուսկ` նկարազարդումներուն ցանկը (էջ 220). Մարտինի համայնապատկերը եւ շրջանին քարտէսը, Իպրահիմ Գասպոյի յուշագրութեան ճակատը` իր ստորագրութեամբ, մարտինցի ընտանիքէ սերած` Եգիպտահայ Կաթողիկէ Համայնքին Վիճակաւոր Արհի. Տ. Պետրոս Եպսկ. Թարմունի, Իպրահիմ Գասպոյի ընտանեկան խմբանկար, Մարտինի սպանդէն վերապրող` աղեքսանդրաբնակ, 95ամեայ կորովի Գարգուր Աշպաան, Գերապայծառ Մալոյեանին հետ ձերբակալուած հայ կաթողիկէ կղերին ցուցակը, ինքնագիր գրութիւն մը` Գերապայծառ Մալոյեանէն, Աղեքսանդրիա, 1903, Իպրահիմ Գասպոն` Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բարեգործական Ընկերութեան անդամներուն հետ։

153


Ինչպէս կը տեսնուի` ջանք չէ խնայուած գիտական շրջանառութեան մէջ դնելու համար, երկար տարիներ անծանօթ մնացած մարտինցի եւ թէլ արմանցի երկու հեղինակներուն յուշագրութիւնները4, համալրելու դիտումով ԵՂԵՌՆԱՊԱՏՈՒՄի ցաւագին դրուագները։

Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ 10 Սեպտեմբեր 1998, թիւ 1387 24 Սեպտեմբեր 1998, թիւ 1388 8 Հոկտեմբեր 1998, թիւ 1389 22 Հոկտեմբեր 1998, թիւ 1390 12 Նոյեմբեր 1998, թիւ 1391

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Յարմար կը նկատեմ լրացուցիչ տեղեկութիւններ մէջբերել Մարտինի մասին, որ յարաբերաբար քիչ ուսումնասիրուած շրջան մըն է։ Միջագետք Հայաստան չէր, այլ անոր արուարձանեայ կամ սահմանակից երկիրներէն մէկն էր։ Անյարմար է անուանել զՄարտին Հայոց քաղաք, թէեւ Միջագետաց մէկ մասը ատեն մը կոչուած էր Միջագետք Հայոց, բայց տարբեր առմամբ։ Բացարձակապէս սխալ է համարել Մարտին անունը յառաջ եկած ըլլայ Մարտի լեռ հայերէն երեւակայական անուանակոչութենէ. Մարտին անունը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ անորոշ յոգնակի Մարտա կամ Մրտա ասորերէն բառին, որ կը նշանակէ բերդ կամ ամրոց։ Նմանապէս անպատմական եւ յերիւրածոյ նկատելու է Իմամբուք անունով պարսիկ զօրապետին գոյութիւնը եւ անոր ընծայուած արարքները, մանաւանդ Մամպուտ անուան ծագումը։ Հաւանօրէն նոյն անունը աղաւաղեալ եւ այլափոխուած ձեւն ըլլայ Միւգտոնիա անուան, որով կը կոչուէր ատեն մը Միջագետաց այն գաւառը` որուն մէջ կը գտնուի Մարտին քաղաքը, կամ կրնայ յառաջ եկած լինել Մամպուք կամ Մապպուք Ասորիքի անհետացեալ քաղաքին անունէն։ «Քննական դիտողութիւններ», Աւետիք, պաշտօնաթերթ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Տանն Կիլիկիոյ, Պէյրութ, Ե. տարի, թիւ 2, 1936, էջ 25։ 2. Առաջին անգամ անդրադարձած է այս հարցին Հայերը Սէֆէրպիրլիքի մէջ, Եսթեր Թ. Մկրտիչեան` կինը Թովմաս Գ. Մկրտիչեանի, որ հայ երէց մըն էր, 1896-ին մտած էր British Oriental Consular Service-ին մէջ, եւ 1904-ին կարգուած էր Տիարպէքիրի անգլիական դեր-հիւպատոս։ Ե. Մկրտիչեան անգլերէն լեզուով կ’անդրադառնայ. Հայ ժողովուրդը` պատերազմին սկիզբները` անխտիր օգնեց թուրք կառավարութեան, տրամադրելով իր բոլոր ֆիզիքական եւ բարոյական միջոցները, լայն բանալով իր պարէնի բոլոր մթերքները։ Երիտասարդ դասակարգը իբր զինուոր` նախանձելի ոյժ մըն էր բանակին մէջ, թուրք զինուորները հաշտ աչքով չէին նայեր նոյն իսկ իրենց բովանդակ անձնուիրութեամբ ծառայող հայերուն։ Հետեւեալ մանրադէպը չափէն աւելի յատկանշական է։ Էնվէր փաշան, տաք կռիւի մը միջոցին, հեռադիտակով դիտած ատեն, չորս հոգի միայն կը տեսնէ, որոնք կատաղօրէն կը կռուին եւ զորս կը նշանակէ իր յուշատետրին մէջ։ Բանակը պարտուած է։ Մայրամուտին Թուրք հրամանատարը իր պարտութիւնը

154


կը վերագրէ կարգ մը զինուորներու։ Էնվէր փաշան կը կանչէ չորս հերոսները եւ կը տեսնէ որ Հայեր են. իւրաքանչիւրին կու տայ երեքական մէճիտ, «աֆէրիմ» մըն ալ աւելցնելով։ Գրեթէ չկար փախստական հայ զինուոր, եւ եթէ ըլլար իսկ, պատիժներու ամենաահաւորը վերապահուած էր անոր։ Թուրքերու Գեհէնէն հայ ընտանիքի մը հրաշալի փախուստը. Ականատեսի պատմութիւն Տիկին Եսթեր Թ. Մկրտիչեանի, Տպագրութիւն Արամ Ստեփանեան, Աղեքսանդրիա, 1918, էջ 12-13։ 3. Այս յուշագրութեան շնորհիւ` Մարտինի պատահարներուն պատմութիւնը ճոխացած է նոր մանրամասնութիւններով ու թուականներով, կարելի եղած է ճշտել` շարք մը անձերու եւ վայրերու անունները։ Հայկական Ուսումներու Միջազգային Ընկերակցութեան 10-րդ տարեդարձի Գիտաժողովին` Լոնտոնի Համալսարանին մէջ, 1-5 Սեպտեմբեր 1993-ին, Mémoires sur les massacres de Mardine de Y.B., զեկուցումով` հրատարակիչը առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ դրած է այս եզակի եւ ինքնատիպ յուշագրութիւնը։ Յետագային, այդ յուշագրութիւնը լոյս տեսաւ` Vincent Mistrih, ‘Mémoires de A.Y.B. sur les massacres de Mardine’ խորագրով, գիտաժողովին զեկուցումներուն նուիրուած ժողովածուին մէջ` Armenian Perspectives։ 10th Anniversary Conference of the Association Internationale des Études Arméniennes, School of Oriental and African Studies, London, Edited by Nicholas Awde, Surrey։ Curzon Caucasus World, 1997, pp. 287-292։ 4. Նկատի ունենալով այս աշխատասիրութեան յաջող ընթացքը` անծանօթ մնացած հեղինակներու եւ յուշագրութիւններու յայտնաբերումի տեսակէտէն, կը մտածեմ` թէ տակաւին որքան անյայտ մնացած ձեռագիրներ պէտք է գոյութիւն ունենան. հաւանական կը նկատեմ` որ այդ ձեռագիրները առաւելաբար կրնան գտնուիլ կրօնական հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Դիւանը, Զմմառի Վանքին Դիւանատունը, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Վանքին Դիւանը, Երուսաղէմի Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան Վանքին Դիւանը, Հալէպի Հայոց Առաջնորդարանի Դիւանատունը, Հալէպի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդարանի Դիւանատունը, Նման ձեռագիրներու գոյութիւնը կարելի է յուսալ նաեւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Միջին Արեւելքի Կեդրոնին մէջ։ Այդօրինակ հետաքրքրութիւններու գոհացում տալու նպատակով, քանի մը տարի առաջ, գովելի ջանադրութեամբ պատրաստուեցաւ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի դիւաններուն մասին շահեկան ուսումնաիրութիւն մը, պատրաստուած` հայերէն լեզուին բաւական հմտացած ֆրանսուհի ուսումնասէրի մը կողմէ, ներկայացուելու համար` Université de Provence Aix-Marseille I, Institut des Recherches et d’Études sur le Monde Arabe et Musulman, հետեւեալ խորագրով. État des archives du Patriarcat arménien orthodoxe du Caire: Mémoire de DEA “Monde Arabe”, présénté par Anne Kazazian, Directeur du mémoire Gilbert Delanoue, Juin 1990, 117 p. Այս մեթոտը կարելի է հիմ ընդունիլ` գոնէ նախնական կերպով ցուցակագրելու համար Միջին Արեւելքի բոլոր Առաջնորդարաններու դիւանները, անշուշտ, եթէ ղեկավար մարմինները համաձայն գտնուին։

155


ՀԱՅՈՑ ԱՐՔԱՆԵՐԸ ԵՒ ԴՇԽՈՆԵՐԸ г۳ëï³ÝÇ ³Ýϳ˳óáõÙ¿Ý Ç í»ñ« ³é³çÇÝ ³Ý·³Ù ÁÉɳÉáí« µ³ñ»Ï³Ù ÙÁ` ѳÛñ»ÝÇ Ññ³ï³ñ³Ïã³Ï³Ý ïáõÝ¿ ÙÁ« ³Ý³ÏÝÏ³É Ï»ñåáí« ï³ëÝ»³Ï ÙÁ ѳïáñÝ»ñ å³ñáõݳÏáÕ Íñ³ñ ÙÁ ëï³ó³Í ¿ñ« ³ÝáÝó Ù¿ç¿Ý` Ù³ëݳõáñ³µ³ñ« áõß³¹ñáõÃÇõÝë ·ñ³õ»óÇÝ »ñÏáõ ÷áùñ³¹Çñ ѳïáñÇÏÝ»ñ« áñáÝó Ñ»ÕÇݳÏÇÝ` гÛÏ Ê³ã³ïñ»³ÝÇ1 ³ÝÓ³Ùµ ͳÝûóó³Í ÁÉɳÉáõë` ÏÁ ÷³÷³ùÇÙ ½³ÝáÝù Ý»ñϳ۳óÝ»É æ³Ñ³ÏÇñÇ Ñ»ï³ùñùÇñ ÁÝûñóáÕÝ»ñáõÝ: Հայաստանեան առատահոս մամուլին ընտելացած ընթերցողին համար` իսկապէս մեծ անակնկալ էր մեզի ներկայացածը. ժամանակէ մը ի վեր, իրապէս զրկուած կը զգայի իւրայատուկ բոյրով` նորատիպ գիրքեր շօշափելէ, եւ միտքի թարմ սնունդ ապահովելէ...: Անցեալի պետական մեծ հրատարակչականին տեղ, այս հատորիկներուն վրայ կը յիշատակուին` «Հանրագիտարան – Արմենիկա» ՍՊԸ, Երեւան, Թումանեան 17, ուր կատարուած է համակարգչային շարուածքը եւ էջադրումը, իսկ տպագրութիւնը` Ամարաս Տպարան, Երեւան, Տէրեան 44: Զոյգ հատորիկներուն խմբագիրն է Արմէն Մանուչարեան, եւ ձեւաւորումը կատարած է Կարապետ Փաշեան. թերեւս` գրքոյկները զարդարող տասնմէկ արքաներուն, եւ նոյնպէս տասնմէկ դշխոներուն` գունազարդ, արտայայտիչ նկարներուն հեղինակն ալ` նոյն անձը ըլլայ: Հեղինակը Հայկ Յարութիւնի Խաչատրեանը, բնիկ ղարաբաղցի է, ծնած է Ասկերանի շրջանի Դահրաւ գիւղը` 1926 Դեկտեմբերի 26-ին: Շուշիի մէջ` ան հետեւած է մանկավարժութեան, եւ Երեւանի մէջ` բանասիրութեան: Մինչեւ 1971 թ., վարած է ուսումնապետի (ուսմասվար), հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի եւ խմբագրի պաշտօններ` տարբեր խմբագրութիւններու մէջ: Այդ թուականէն սկսեալ գտնուած է «Հանրագիտարան»-ի խմբագրութեան մէջ` գիտական եւ գրական հսկողութեան բաժնի վարիչի, պատասխանատու քարտուղարի, եւ վերջապէս` գլխաւոր խմբագրի տեղակալի պաշտօնով: Պատմութեան քառուղիներուն վրայ երկար տարիներ թարթափելով, Հայկ Խաչատրեան կրցած է պատմավիպագրութեան հարուստ փորձ կուտակել` Տիգրան Մեծ (1967, 1972), Էրեբունի (1968), Արտաւազդ (1975), Արտաշէս (1980),

156


Քերթողահայրը (1985), Խաշխաշը (1987) վէպերով, եւ Վանատուր (1978), Հացապատում (1984) պատումաշարերով, որոնց բոլորին մէջ ալ կը հաստատուի հայերու հին կենցաղին եւ սովորութիւններուն խորապէս տեղեակ ըլլալը: Պատմավիպասանութեան գեղեցիկ վկաներ ըլլալուն պատճառով, Հայկ Խաչատրեանի բոլոր հատորներն ալ, արդէն իրենց արժանի տեղը գրաւած են Հայաստանի ընթերցողներու սիրած գիրքերու շարքին մէջ: Հայկ Խաչատրեանի առաջին գրքոյկը` 176 էջ, Արքայապատում. Հայոց 141 թագաւորները, գեղարուեստական արքայագիտարան է, Արամէն մինչեւ Լեւոն Զ. Լուսինեան` մինչեւ 1375 թ., արքայական տիտղոսով` հայկական գահին վրայ բազմած տիրակալներուն:

157


Երկրորդ հատորիկին համար, 144 էջ, Հայոց թագուհիները, գեղարուեստական դշխոյապատում-բամբիշապատում է` կը բնութագրէ հեղինակը, Արքայապատում գիրքին դարձերեսը, Արամէն մինչեւ Լեւոն Զ. Լուսինեան` մինչեւ 1375 թ., հայոց թագուհիի տիտղոսը կրող կիներուն: Հեղինակը` հայոց թագուհիներ կոչած է անոնք, որոնք եղած են հայոց պետական կազմաւորումներու տիրակալներուն կիները. անշուշտ, նկատի չէ առած միջին դարերուն, հարիւրէ աւելի այն հայուհիները` որոնք դարձած են Հայաստանի դրացի քրիստոնեայ պետութիւններու թագուհիները կամ իշխանուհիները, որոնցմէ տասը միայն` բիւզանդական կայսրութեան անուանի կայսրուհիները եղած են: Ներկայացուած հայոց 150 թագուհիներէն, 103-ը` ազգութեամբ հայ է, 10-ը` ֆրանսացի, 9-ը` յոյն, 8-ը` պարթեւ, 6-ը` պարսիկ, 6-ը` հռոմէացի, 4-ը` վրացի, 2-ը` ալան, 1-ը` ասորի, 1-ը` մոնկոլ:

158


Հայոց թագուհիները` պատմութեան ընթացքին, միշտ ալ աջակցած են իրենց ամուսիններուն, աշխուժօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերելով` երկրի կառավարումին, բարգաւաճումին եւ պաշտպանութեան մարզին մէջ: Գրական այս պատումներուն հէնքը` եղած են պատմական վաւերագրերը, որոնց վրայ հիւսուած են ներկայացուող ասքերը, եւ յաճախ` հեղինակին վառ երեւակայութեամբ ծնունդ առած զրոյցները: Իր պատումներուն մէջ, հեղինակը հիանալի կերպով օգտագործած է թագուհի բառին բոլոր հոմանիշներն ալ` տիկնանց տիկին, դշխոյ, բամբիշ, թագաւորակին, իսկուհի, արքայակին, աշխարհատիկին: Հաճելի պիտի ըլլար` անդրադառնալ նաեւ հեղինակին գործածած նորակերտ բառերուն մասին ալ: Որպէս եզրակացութիւն` այստեղ կ’ուզեմ յառաջ բերել հեղինակին խոր համոզումը, թէ` Այժմ, երբ Հայաստան ձեռք բերած է իր անկախութիւնը, դժուարին պայմաններու մէջ կը հիմնաւորէ իր պետական կառոյցները, հիներուն փորձը պէտք է հաշուի առնել` պատշաճ տեղ տալով կիներու գործունէութեան, անոնց ողջախոհութեան եւ իմաստութեան. պետական մարդոց սրբազան պարտքն է հաշուի առնել հայուհիին հոգիին, սիրտին, ձեռքին եւ միտքին հզօր ոյժը: Լիովին համաձայն ըլլալով իրեն` հոգեւին կը ձայնակցիմ հեղինակին:

Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 4 Փետրուար 1999, թիւ 1395

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ջանադիր եւ բեղուն գրիչի տէր հեղինակը` տարիներու ընթացքին, ուշադրութիւնս գրաւած է հայաստանեան պարբերական մամուլին մէջ լոյս տեսած իր բազմաթիւ հետաքրքրական յօդուածներով, եւ Գրական տեղեկատուի երեք հրատարակութիւններով` 1975, 1981,1986 թ., որ կենսամատենագիտական շատ օգտակար եւ անհրաժեշտ ձեռնարկ մըն է` իր եզակի բնոյթով: Սակայն, զինք անձնապէս ճանչնալու առիթը ունեցայ 1972-1973 թթ., երբ Երեւան կը գտնուէի որպէս Պետական Համալսարանի Արսէն Տէրտէրեանի անուան Հայ Գրականութեան Ամբիոնի ստաժեոր: Այդ շրջանին, քանիցս այցելած եմ Կինո Մոսկվայի մերձակայքը գտնուող, ՀՍՀ-ի իր աշխտասենեակը, ուր միշտ պատրաստակամ գտած եմ` շրջահայեաց եւ ազնիւ նկարագրի տէր մարդը:

159


ՀԱՅՈՑ ԱՐՔԱՆԵՐԸ ԵՒ ԴՇԽՈՆԵՐԸ

Ներկայացուող ժամանակագրութիւնը եւ տոհմագրութիւնը պատրաստուած է նկատի ունենալով Հայկ Խաչատրեանի` 1998 թ., Երեւան, Ամարաս Տպարանէն լոյս տեսած զոյգ հատորիկները` Արքայապատում. Հայոց 141 թագաւորները, 176 էջ, եւ Հայոց թագուհիները, 144 էջ։ Դշխոյին անունէն ետք` (պ) գիրը, պայմանական է. հեղինակը գործածած է նաեւ` ենթադրաբար եւ հաւանաբար բառերն ալ, իսկ փակագիծի մէջ արաբական թուանշանները` թագուհիներուն յաջորդականութիւնն է...։ ɨʂʗɸʆɸʃʏʙʀɼɸʍ ʖɸ ʗʂʍɼʗ

Ɋʗʛɸʍɼʗ

ɝɼɽʋɾ ʇɸɽɸʗɸʙʏʗ Ɋʗɸʋ ʖɸʗʂʍɼʗ ɸʓɸʒ Ɋʗɸʋɾ ɭ.ɸ. 860-845 ʀʀ.

845-825 ʀʀ. 825-810 ʀʀ. 810-788 ʀʀ. 788-786 ʀʀ. 786-764 ʀʀ. 764-735 ʀʀ. 735-713 ʀʀ. 713-685 ʀʀ. 685-645 ʀʀ. 645-635 ʀʀ. 635-625 ʀʀ. 625-620 ʀʀ. 620-610 ʀʀ. 610-600 ʀʀ. 600-590 ʀʀ. 673-630 ʀʀ. 629-600 ʀʀ.

160

ɍʎʄʏʍɼʗ

Ɍɸʇɸʍʂʔʖ / ɭɸʉɸʛɸʋɸʌʗ ɋɼʗɻɸʛɸʉɸʛ

ɧɊɟɔ ɒɊɌɊɫɡɩɡɫɒɔɫɟ ɦʏʔɼʋ (ʑ)

(1) Ɏʑʂɺɾ (2) Ɋʗʛɸʍɸ ɦɊɩɍɡɫɩɎɊɟ ɌɊəɊɨɡəɝ ɦɸʗɻʏʙʗʂ Ɋ. Ɋʗɸʗɸʍʔɸ ɔʎʑʏʙʂʍʂ ɟɸʂʗɸ ɝʂʍʏʙɸ ɒɸʗʂʗʂɸ ɔʍʏʙʎʑʏʙɸ ɒʂʃɸʋɸ Ɋʗɺʂʎʖʂ Ɋ. ɋɸɺɼʍɸ ɦɸʗɻʏʙʗʂ ɋ. ɦʏʙʔɸʗɸʖʏʙ ɥʏʙʔɸ Ɋ. ɥʏʙʔɸʂʍɸ Ɋʗɺʂʎʖʂ ɋ. əɸʔʂʔ ɥʏʙʔɸ ɋ. ɘʏʀʏʍ ɦɸʗɻʏʙʗʂ Ɍ. ɮʗɸʎ ɦɸʗɻʏʙʗʂ ɍ. ɡʙʗɸʍʂɸ Ɋʗɺʂʎʖʂ Ɍ. ɣɸʖɸʗ ɐʗʂʋɼʍɸ ɗʂʗɸʍɾ ɥʏʙʔɸ Ɍ. əʏʙʅɸʍ ɥʏʙʔɸ ɍ. ɘɸʑʏʙʖɸʍ ɊɦɭɊɟɊɏɎɊɟ ɌɊəɊɨɡəɝ ɣɸʗʏʌʗ ɦʆɸʌʏʗɻʂ Ɋʔɸʗʇɸɻʏʍʂɸ əʗɸʐɼɸʌ ɗɸʋʅɸʋ

Ɋʗʊɾʎ

ɨʏʙʎʑɸ (ɧɸʍ) ɝɼʍʏʙɸʄʂʍʂʃʂ ɐʗɼɹʏʙʍʂ/Ɏʗɼʙɸʍ Ɋʗɺʂʎʖʂʄʂʍʂʃʂ ɥʏʙʔɸʄʂʍʂʃʂ ɒɾʌʎɼɹɸʂʍʂ


570-560 ʀʀ. 560-535 ʀʀ.

ɎɩɡɫɊɟɍɡɫɟɔɟɎɩɡɫ ɌɊəɊɨɡəɝ Ɏʗʏʙɸʍɻ Ɋ. ɦɸʆɸʙɸʆɼɸʘ ɧɸʍʏʙʂ (ʑ) ɏɸʗʏʙʇʂ ɨʂɺʗɸʍ Ɏʗʏʙɸʍɻɼɸʍ əʂʙɻɸʗʍɾʔ Ɋ. Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ ɨʂɺʗɸʍʏʙʇʂ

ɧɸʍ Ɏʗʏʙɸʍɻɸʆɸʍ ɨʏʙʎʑɸ (ɧɸʍ)

əʂʙɻɸʗʍɾʔ ɋ. Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ ɝʂʇʗɸʍ əʂʙɻɸʗʍɾʔ Ɍ. Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ ɦʂʚɸʍɾ Ɋʔɸʖɼʗɸ Ɋʗʖɸʎʂʗ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ əʓʏɻʏɺʏʍʏʙʍɾ Ɏʗʏʙɸʍɻ ɋ. Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ ɗʏʕʂʍɸʗ ɧɸʇɾ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ ɟɸʍɾ Ɏʗʏʙɸʍɻ Ɍ. Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ ɧɸʍɸʍɾʔ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ (ʑ) Ɋʗɼɺ (ʑ) Ɏʗʏʙɸʍɻɸʎɸʖ Ɏʗʏʙɸʍɻ ɍ. Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʇʂ ɎɩɡɫɊɟɍɡɫɟɔɟɎɩɡɫ ɌɊəɊɨɡəɝ ɗɡɬɭ - ɘɡɝɝɊɌɎɟɐɔ ɦɸʋʏʔɸʖ ɦɸʋʏʔʂɸ ɦɸʋʏʔ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ 3-ʗɻ ɻ. ʆɾʔ Ɋʗʎɸʋɸʎɸʖ əʂɼʗɸʛʔʂɸ Ɋʗʎɸʋ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ 240-220 ʀʀ. Ɋʍʖʂʏʛʂɸ ɭʔɼʗʛʔɾʔ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ 3-ʗɻ ɻ. ʕɼʗʒ Ɋʔʖʉʂʆ ɏɸʗɼʇ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ 190-175 ʀʀ. Ɋʗʆɸʀʂɸʆɼʗʖ ɕʏʙʔɸʖʂʆʂʍ Ɋʗʆɸʀʂɸʔ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ 2-ʗɻ ɻ. əʏʙʖʏʋʂɸ ɝɼʇʗʏʙʁɸʍ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ 2-ʗɻ ɻ. ɝʏʗʊ 2-ʗɻ ɻ. ʕɼʗʒ – 94 ʀʀ. Ɋʗʖɸʍɾʔ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ ɎɩɡɫɊɟɍɡɫɟɔɟɎɩɡɫ ɌɊəɊɨɡəɝ ɘɡɝɝɊɌɎɟɐɔ 3-ʗɻ ɻ. ʕɼʗʒ – Ɋʔʑɸʍʏʌʎ ɣʖʉʏʋɾʏʔ Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ 2-ʗɻ ɻ. ʔʆʂɽɹ Ɋʗʖɸʔɸ ɦɸʋʏʔ ɋ. Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ 2-ʗɻ ɻ. Ɋʗʎɸʍʏʌʎ ɝʂʇʗɻɸʖ ɘɸʃʂʍʂʆʏʔ 2-ʗɻ ɻ. Ɋʍʖʂʏʛʏʔ Ɋ. Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ ɡʔʆɼʋɸʌʗ 69-34 ʀʀ. Ɋʍʖʂʏʛʏʔ ɋ. Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂ əɸʌɸʋɸ Ɋʓɸʒʂʍ ɻ. ɊɩɨɊɠɐɦɎɊɟ ɌɊəɊɨɡəɝ ɧɼʗɿʍʈʂʙʉɸʅ` Ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʍʂʍɼʗɾʍ 189-160 ʀʀ. Ɋʗʖɸʎɾʔ Ɋ. ɋɸʗʂ ɦɸʀɼʍʂʆ Ɋʗʖɸʎɸʖ 160-115 ʀʀ. Ɋʗʖɸʙɸɽɻ Ɋ. Ɋʗʖɸʎɾʔɼɸʍ ɍʎʄʏʌ 115-95 ʀʀ. ɨʂɺʗɸʍ Ɋ. Ɋʍɸʇʂʖ (ʑ) 95-55 ʀʀ. ɨʂɺʗɸʍ ɋ. ɝɼʅ (1) əʏʙʖʏʋʂɸ (ʑ) ɨʂɺʗɸʍɸʆɼʗʖ (2)ɘʉɾʏʑɸʖʗɸ(ʑ) Ɋʗʖɸʎɸʖ (3) əɸʋɸʔʚʂʙʓ (ʑ) Ɋʍʖʂʏʛ (4) ɦʏʔɼʋ/ɏʏʔʂʋɸ 69-66 ʀʀ. ɨʂɺʗɸʍ ɘʗʖʔɼʗ ɏɸʇɸʍʂʗɸ 55-34 ʀʀ. Ɋʗʖɸʙɸɽɻ ɋ. Ɋʗɸʛʔɸ (ʑ) 5-ʗɻ ɻ. ʔʆʂɽɹ 5-ʗɻ ɻ. ʆɾʔ 5-ʗɻ ɻ. – 2-ʗɻ ʆɾʔ 404-360 ʀʀ. 4-ʗɻ ɻ. – 2-ʗɻ ʆɾʔ 330-300 ʀʀ. 299-270 ʀʀ. 270-200 ʀʀ.

161


30-20 ʀʀ.

Ɋʗʖɸʎɾʔ ɋ.

20-8 ʀʀ. 8-5 ʀʀ. 5-2 ʀʀ. ɭ.ɸ. 2 – ɭ.ɼ. 2 ʀʀ. ɭ.ɼ. 6-11 ʀʀ. 2-ʗɻ ɻ.

ɨʂɺʗɸʍ Ɍ. ɨʂɺʗɸʍ ɍ. Ɋʗʖɸʙɸɽɻ Ɍ.

4-5 ʀʀ. 6 ʀ. 18-34 ʀʀ. 34-35 ʀʀ. 35-37 ʀʀ. 47-51 ʀʀ. 37-43 ʀʀ. 51-53 ʀʀ. 60-61 ʀʀ. 65-75 ʀʀ.

ɧɸʉɸʗʎɸʆ

Ɋʗʎɸʆɸɻʏʙʄʖ (ʑ) ɝʅɹʂʍ ɮɨɊɩ ɒɊɌɊɫɡɩɟɎɩ Ɋʗʖɸʙɸɽɻ ɍ. Ɋʍʏʌʎ ɨʂɺʗɸʍ Ɏ. ɐʃɼʆʖʗɸ (ʑ) ɏɼʍʏʍ Ɋʗʖɸʎɾʔ ɋɸɺʗɸʖʏʙʇʂ Ɋʗʎɸʆ Ɋ. ɠɸʇɸʔʑɻʏʙʄʖ ɝʂʇʗɻɸʖ ɔɹɼʗɸʘʂ ɏɼʍʏɹʂɸ ɘʏʖʂɸ ɝɸʌɸ əʓɸɻɸʋʂɽɻ ɏɼʍʏɹʂɸ ɊɩɠɊɘɡɫɟɔɟɎɩɡɫ ɌɊəɊɨɡəɝ ɨʂɺʗɸʍ ɏ. ɘɸʑʂʖʏʃɸ (ʑ) ɨʗɻɸʖ Ɋ. Ɋʗʎɸʆʏʙʍʂ (1) ɋɸʆʏʙʗɸɻʏʙʄʖ (2) ɜɼʗʋɸʆʏʙʇʂ ɦɸʍɸʖʗʏʙʆ ɦɸʍɻʏʙʄʖ ɝʅʏʙʗʍ Ɋʎʄɸɻɸʗ ɦʂʗʏʙʍʂʆ ɣɸʗʀɸʋɸʔʂʗ ɟɸɽɼʍʂʆ ɧɸʉɸʗʎ Ɋ. ɧɸʉɸʗʎʏʙʇʂ ɧɸʉɸʗʎɸʑɸʖ ɦʏʇɼʋʏʔ ɦʂʃʕɸ

75-110 ʀʀ. 110-113 ʀʀ. 113-114 ʀʀ. 116-144 ʀʀ. 144-161 ʀʀ. 164-184 ʀʀ. 161-163 ʀʀ. 186-198 ʀʀ. 211-259 ʀʀ. 252-273 ʀʀ. 261-273 ʀʀ. 273-287 ʀʀ. 287-330 ʀʀ. 330-338 ʀʀ. 338-350 ʀʀ. 350-368 ʀʀ.

ɋɸʆʏʙʗ ɧɸʉɸʗʎ ɋ. ɖʏʔʗʏʕ Ɋ. ɝɼʅ Ɋʗʖɸʙɸɽɻ Ɏ. ɡʗʋʂɽɻ-Ɋʗʖɸʎʂʗ ɟɼʗʔɼʇ ɦɸʔɸʍɼɸʍ ɨʗɻɸʖ Ɍ. ɝɼʅ ɖʏʔʗʏʕ ɋ. ɘʏʖɸʆ ɨʂʗɸʍ Ɋʗʎɸʆ ɋ. Ɋʗʎɸʆʏʙʍʂ

368-369 ʀʀ. 370-374 ʀʀ. 374-378 ʀʀ.

ɣɸʑ ɧɸʗɸɽɻɸʖ

162

(1) ɦɸʔɸ (ʑ) (2) ɤɸʍɸʋɸ (ʑ) ɮʆʖɸʙɸ (ʑ) ɐʗɸʖʏʌ əɸʗʋʏʍʂɸ (ʑ) ɐʗɸʖʏʌ

ɝɸɽɼʖɸ Ɋʗʎɸʋʏʙʇʂ ɖʏʔʗʏʕɸʍʏʌʎ (ʑ) ɟʏʙʎʂʆ ɦɸʔɸʍɻʏʙʄʖ ɟɼʗʔɼʇɸʍʏʌʎ Ɋʎʄɾʍ ɜɸʄʗʏʙʇʂ ɋɸʋɹʂʎ (ʑ) (1) ɬɸʓɸʍʈɼʋ (2) ɮʃʂʋɹʂɸ ɬɸʓɸʍʈɼʋ ɏɸʗʋɸʍɸɻʏʙʄʖ ɥʏʋɼʃɸ

ɍʏʙʂʍ Ɋʗʎɸʆɸʙɸʍ


378-390 ʀʀ. 385-388 ʀʀ. 415 ʀʀ. 389-414 ʀʀ. 416-419 ʀʀ. 422-428 ʀʀ.

Ɋʗʎɸʆ Ɍ. ɧɸʉɸʗʎɸʆ Ɋʗʎɸʆʏʙʍʂ ɖʏʔʗʏʕ Ɍ.

ɧɸʗɻɸʍɻʏʙʄʖ ɦʋɹɸʖʏʙʇʂ (ʑ) ɏʗʏʙɸʍɻʏʙʄʖ

ɧʓɸʋʎɸʑʏʙʇ Ɍɼʉɸʍʏʌʎ ɠɸʑʏʙʇ ʑɸʗʔʂʆ ɠɸʑʏʙʇɻʏʙʄʖ Ɋʗʖɸʎɾʔ Ɍ. ɭʍʛʏʙʎ ɮɦɩɡɞɎɟɐ ɒɊɌɊɫɡɩɡɫɒɔɫɟ əɊɞɘɊɘɊɟ ɊɋɌɊɩɎɊɟ ɌɊəɊɨɡəɝ 109-116 ʀʀ. Ɋɹɺɸʗ ɐ. əɸʌʆɸʍʏʌʎ Ɏɻɼʔʂɸ 116-178 ʀʀ. Ɋɹɺɸʗ ɑ. əʏʕɸɻʏʙʄʖ 179-214 ʀʀ. Ɋɹɺɸʗ ɒ. ɦʏʚʂɸ ɊɩɪɊɖɔ Ɏɫ ɡɫɨɔɭɔ ɒɊɌɊɫɡɩɡɫɒɔɫɟ 5-ʗɻ ɻ. ɧɸʐɾ əʏʙʗʋɸ (ʑ) ɣɸʗʖɸʙ 480-ɸʆɸʍ ʀʀ. – 510 ɧɸʐɸɺɸʍ Ɍ ɠʏʙʎɸʍʂʆ əɊɞɡɪ ɊɩɎɫɎɕɔɪ ɘɡɛɝɊɟɪ 9-ʗɻ ɻ. 2-ʗɻ ʆɾʔ əɸʋɸʋ Ɋʗɼʙɼʃʘʂ Ɍʗʂɺʏʗɸʍʏʌʎ ɋɊɌɩɊɨɡɫɟɔɟɎɩɡɫ ɌɊəɊɨɡɫɝ Ɋʎʏʖ Ɋ. ɝɼʅ ɋɸɺʗɸʖʏʙʍʂ ɘɸʖʗɸʍʂɻɾ ɋɸɺɸʗɸʍ 885-890 ʀʀ. Ɋʎʏʖɻʏʙʄʖ ɦʋɹɸʖ Ɋ. ɋɸɺʗɸʖʏʙʍʂ ɠʂʗɸʆɸʙɸʍ 890-914 ʀʀ. ɦɸʇɸʆɸʍʏʌʎ Ɋʎʏʖ ɋ. Ɏʗʆɸʀ 914-929 ʀʀ. ɋɸɺʗɸʖʏʙʍʂ ɘɸʗɸ ɝɸʗʂɸʋ (ʑ) Ɋɹɸʔ ɋɸɺʗɸʖʏʙʍʂ 929-953 ʀʀ. Ɋʎʏʖ Ɍ. ɡʉʏʗʋɸʅ Ɋʍʂ 953-977 ʀʀ. ɖʏʔʗʏʕɸʍʏʌʎ ɘɸʖʗɸʍʂɻɾ ɦʋɹɸʖ ɋ. ɨʂɼɽɼʗɸʆɸʃ 977-989 ʀʀ. Ɍɸɺʂʆ Ɋ. ɋɸɺʗɸʖʏʙʍʂ 989-1020 ʀʀ. ɘɸʖʗɸʍʂɻɾ (1) ɠʏʙʎɸʍ ɞʏʕʇɸʍʍɾʔ ɦʋɹɸʖ 1020-1041 ʀʀ. ɋɸɺʗɸʖʏʙʍʂ (2) ɯʃʏʗɸ Ɋʎʏʖ ɍ. ɋɸɺʗɸʖʏʙʍʂ 1020-1041 ʀʀ. ɒɸɺʏʙʇʂ (ʑ) ? Ɍɸɺʂʆ ɋ. ɋɸɺʗɸʖʏʙʍʂ 1042-1045 ʀʀ. ɧɊɦɣɡɫɩɊɘɊɟɔ ɊɩɗɩɡɫɟɔɟɎɩɡɫ ɒɊɌɊɨɡəɝ 908-943 ʀʀ. Ɍɸɺʂʆ Ɋʗʅʗʏʙʍʂ (1)Ɍʗʂɺʏʗɸɻʏʙʄʖ Ɋʉʀɸʋɸʗ (ʑ) (2) ɝʃʛɾ 943-958 ʀʀ. ɍɼʗɼʍʂʆ Ɋʗʅʗʏʙʍʂ Ɍʏʙʗɺɾʍɻʏʙʄʖ 958-968 ʀʀ. Ɋɹʏʙʔɸʇʃ-əɸʋɸɽɸʔʑ ɘɸʖɸ Ɋʗʅʗʏʙʍʂ 977-990 ʀʀ. Ɋʎʏʖ ɦɸʇɸʆ ɍɼʗɼʍʆʏʙʇʂ 977-1003 ʀʀ. Ɍʏʙʗɺɾʍ-ɖɸʐʂʆ Ɋʗʅʗʏʙʍʂ Ɍɸʌɸʍɾ 968-1025 ʀʀ. ɦɼʍɼʛɼʗʂʋ ɞʏʕʇɸʍʍɾʔ ɖʏʙʎʏʙʎ

163


ɘɊɩɦɔ Ɏɫ ɧɊɟɊɟɍɔ ɒɊɌɊɫɡɩɡɫɒɎɊɟ ɌɊəɊɨɡəɝ ɝʏʙʎɼʉ Ɋ. ɬɸʓʂʔʏʙʇʂ Ɋɹɸʔ ɋɸɺʗɸʖʏʙʍʂ Ɍʏʗɸʍɻʏʙʄʖ Ɍɸɺʂʆ Ɋɹɸʔɼɸʍ Ɍʏʗɸʍɻʏʙʄʖ ɘɸʗʔ ɘɔɫɩɔɘɎɊɟ ɌɊəɊɨɡəɝ 966-991 ʀʀ. Ɍʏʙʗɺɾʍ Ɋʗʏʙʔɼɸʆ (ʑ) 996-1048 ʀʀ. ɍɸʙʂʀ Ɋʍʇʏʉʂʍ ɏʜʗɸʆʗʘɼʃ ɕʏʓʂʂ ɹɼʗɻ ɨɊɠɔɩ-ɚɡɩɊɌɎɨɔ ɒɊɌɊɫɡɩɡɫɒɔɫɟ 1048-1089 ʀʀ. ɘʂʙʗʂʆɾ Ɋ. ɋɸɺʗɸʖʏʙʍʂ əʓʂʚʔʂʋɾ ɕʏʓʂ 1090-1113 ʀʀ. Ɋɹɸʔ Ɋ. ɝɸʋʛɸʍ 1090-1113 ʀʀ. ɍɸʙʂʀ ɥʏʙɽʏʙʛɸʍ ɬɊɥɔɦɡɦɔ ɒɊɌɊɔɡɩɡɫɒɔɫɟ 958-1003 ʀʀ. ɦɼʍɼʛɼʗʂʋ ɦɼɻɸ ɬɸʓʂʔʏʔ ɦɔɫɟɔɭɔ ɒɊɌɊɫɡɩɡɫɒɔɫɟ ɘɊɣɊɟɔ ɘɊɝ ɋɊɛɊɪ ɒɊɌɊɫɡɩɡɫɒɔɫɟ 987-998 ʀʀ. ɦʋɹɸʖ Ɋ. ɦɸʇɸʆɼɸʍ ɠɸʇɸʍɻʏʙʄʖ 998-1040 ʀʀ. ɧɸʔɸʆ Ɋ. ɭʏʙʑʉʂɻʏʙʄʖ ɘɸʑɸʍ 1040-1044 ʀʀ. ɦʋɹɸʖ ɋ. Ɋʎʏʖɼɸʍ ɦʏʚʂ (ʑ) 1044-1084 ʀʀ. Ɍʗʂɺʏʗ Ɋ. Ɋʎʏʖɼɸʍ ɠɸʇɸʍɻʏʙʄʖ 1084-1094 ʀʀ. ɦɼʍɼʛɼʗʂʋ ɦɼʙɸɻɼɸʍ əʗɸʍʏʙʎ 1103-1166 ʀʀ. Ɍʗʂɺʏʗ ɋ. ɝɸʗʂɸʋ (ʑ) 1166-1170 ʀʀ. əɸʔɸʍ Ɍɼʓɸʛɸʗɼʘʂ (1) ɘɸʖɸ (2) ɝɸʋɸ ɥɡɫɋɔɟɎɊɟ ɌɊəɊɨɡəɝ ɥɡɫɋɔɟɎɊɟ-əɎɒɡɫɝɎɊɟ ɌɊəɊɨɡəɝ 1187-1198 ʀʀ. ɕɼʙʏʍ ɝɼʅɸɺʏʗʅ (1) ɏɸʑʃʏʙʍ ɨɸʗʔʏʍ 1198 ɞʏʙʍʏʙɸʗ 6 – (2) ɦʂʑʂʃ 1219 ɝɸʌʂʔ 2 1219-1222 ʀʀ. ɏɸʑɾʃ 1222-1225 ʀʀ. ɯʂʃʂʑ ? 1226-1270 ʀʀ. əɼʀʏʙʋ Ɋ. ? 1270-1289 ʀʀ. ɕɼʙʏʍ Ɍ. ɘɼʓɸʍ 1289-1296 ʀʀ. əɼʀʏʙʋ ɋ. ɝɸʗɺɸʗʂʖɸ 1299-1301 ʀʀ. 1294-1295 ʀʀ. ɒʏʗʏʔ Ɋ. ɝɸʗɺɸʗʂʖɸ 1296-1298 ʀʀ. ɦʋɹɸʖ (1) ɏɸʑɾʃ (2) ɖɸʀʏʙʍ 1298-1299 ʀʀ. ɘʏʔʖɸʍɻʂʍ ɋ. ɣɾɸʀʗʂʐɾ (ʑ) 1305-1307 ʀʀ. ɕɼʙʏʍ ɍ. Ɋɺʍɾʔ 1308-1320 ʀʀ. ɮʎʂʍ Ɋ. (1) ɏɸʑʃʏʙʍ ɦʂʔ (2) ɞʏʕʇɸʍʍɸ 963-984 ʀʀ. 984-1029 ʀʀ. 1029-1065 ʀʀ.

164


1320-1342 ʀʀ.

1343-1344 ʀʀ. 1345-1363 ʀʀ. 1365-1373 ʀʀ. 1374-1375 ʀʀ.

ɕɼʙʏʍ Ɏ.

(1) Ɋʃʂʔ (2) ɘʏʔʖɸʍɻʂɸ ɕɡɫɦɔɟɎɊɟ ɌɊəɊɨɡəɝ ɘɸʍɻɸʆʏʙɽɼʍʂɸ Ɋʖɸʍɸ Ɍʏʙʂʖʏʍ (ʑ) ɝɸʗʂʏʙʍ ɘʏʔʖɸʍɻʂʍ ɍ. ɦʂʔ ɮʎʂʍɻʏʙʄʖ (ʑ) ɘʏʔʖɸʍɻʂʍ Ɏ. ɦʂʔ ɝɸʗɺɸʗʂʖɸ ɕɼʙʏʍ ɏ. ɕʏʙʔʂʍɼɸʍ

Ջահակիր 4 Մարտ 1999, թիւ 1397 18 Մարտ 1999, թիւ 1398 25 Մարտ 1999, թիւ 1399

165


ԴՐՈՇՄԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Թղթատարութիւնը` իր նախնական բոլոր ձեւերով, պատմական շատ խոր անցեալ ունի. կազմակերպուած ձեւ ստացած է ԺԸ. դարուն` Ֆրանսայի մէջ, իսկ 6 Մայիս 1840-ին` Անգլիոյ մէջ թողարկուած է առաջին նամականիշը։ Այդ թուականէն սկսեալ, փոստային նամականիշը դարձած է իր ժամանակին հարազատ հայելին, եւ նկատուած է փոքր արուեստներէն մէկը։ Յունարէն լեզուի ընձեռած դիւրութիւններէն օգտուելով, 1864-ին կերտուած է philatelie բառը` phil կը սիրեմ + ateleia վճարումէ ազատ ըլլալ։

166


Թողարկուած փոստային նամականիշերը, գեղարուեստական պահարանները, բացիկները, յոբելեանական յուշադրոշմները` հրապուրած են բազմաթիւ անձեր, որոնք ժամանակ մը, հաւաքածոներ կազմելով զբաղելով` ճանաչողական եւ դաստիարակչական մեծ օգտակարութիւն ապահովելէ ետք, դրոշմաթղթասիրութենէ` անցած են դրոշմագիտութեան, յառաջ բերելով մասնագիտական ճոխ գրականութիւն։ Դրոշմաթղթասիրութեան` կառուցողական եւ նիւթային բաժիններով կազմակերպուած միջազգային ցուցահանդէսները յաճախակի են։ Ուրախալի երեւոյթ է, որ աշխարհի տարածքին, կան բազմաթիւ հայեր` որոնք թէ ճոխ հաւաքածոներ կրցած են կազմել եւ թէ հեղինակաւոր դրոշմագէտներ դարձած են իրենց աշխատասիրութիւններով։ Մեր հայրենիքին մէջ ալ, պետական կեանքի սկզբնաւորութեամբ` գոյութիւն առած է Հայաստանի Ֆիլատելիստական Միութիւնը որ իր բազմաթիւ մասնաճիւղերով, աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ թէ երկրին մէջ եւ թէ արտասահմանի բազմատեսակ հրատարակութիւններու շարքին` կազմած է նաեւ «ֆիլատելիստական բառարան եւ տերմիններ»։ Իւրաքանչիւր օգտակար ձեռնարկ` մտածումի վրայ հիմնուած է առաւելաբար. այսպէս, Վահէ Վարժապետեան` իր ասպարէզին առընթեր, տասնամեակ մը շարունակ հետեւողական աշխատանք կատարած է ուսումնասիրելու համար եգիպտական փոստային նամականիշերու “perfin”-ները։ Այս եզրը կը յիշատակուի միայն մասնագիտական գրականութեան1 մէջ. անգլիական եւ ամերիկեան հեղինակաւոր բառարաններ չեն նշած զայն։ Սակաւաթիւ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած սկզբնական հետաքրքրութիւնը, հետզհետէ խորանալով` վերածուած է 32 էջնոց աշխատասիրութեան մը, ուր նկատի առնուած են Եգիպտոսի մէջ գործած 28 դրամատնային եւ առեւտրական ձեռնարկութիւններու կողմէ գործածուած “perfin”-ները։

167


168


Աշխատասիրողը կը յայտնէ` թէ “perfin”-ները պէտք չէ շփոթել ծականշուած պետական նամականիշերուն հետ։ 1858թ., անգլիացի մը յղացած է ինքնատիպ ծականշիչ մեքենայ` որ կրնար անուններով եւ սկզբնատառերով ծակատել նամականիշերը եւ վաւերագրերը։ Եգիպտոսի մէջ “perfin”-ներու գործածութեան արտօնութիւնը սկսած է 1895թ. Յունուարէն սկսեալ. առաջին անգամ “perfin” գործածած է Thomas Cook & Sons Ltd.-ը 6.11.1896-ին, իսկ վերջին գործածող ձեռնարկութիւնը եղած է Societé Anonyme de Behera-ն, 14.4.1963-ին։ Աշխատասիրութեան համար օգտագործուած կոկիկ մատենագիտական ցանկէն ետք, իրեն ընձեռնուած այլազան աջակցութեան համար` աշխատասիրողը մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ Եգիպտոսի Ուսումնասիրութեան Լոնտոնի եւ Անդրծովեան Ակումբին։ Բերկրալի երեւոյթը` գլխաւորաբար, այն է` որ պրակին կազմութեան համար, մանրակարգիչի թեքնիք կարելիութիւնները ի սպաս դրած են աշխատասիրողին երկու որդիները` Կարոն եւ Արմէնը։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Ապրիլ 1999, նոր շրջան, թիւ 11, էջ 11-12

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Նամականիշերուն վրայ երեւցող “O.S.” տառերը` “On Service” կամ համապատասխան նշանակութեամբ գործածուած են. երբեմն, այս տառերը` նամականիշին վրայ ծակոտուած են շատ փոքր կէտերով։ Նախապէս, այս կերպը կիրարկուած է գողութեան դէմ պայքարելու միտումով։ Յետագային կիրարկուած է ձեռնարկութիւններու, ինչպէս նաեւ կառավարական բաժանմունքներու կողմէ։ Հաւաքածոյ կազմողին համար, նմանօրինակ նամականիշերը` “perfins”-ներն են։ Anthony S. B. New, The Observer’s Book of Postage Stamps, Third reprint, London, New York: Frederick Warne and Co Ltd., 1975, p. 18.

169


ՆԿԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐԵՒԻ ԱՐԱԲԱՏԱՌ ԱՄՍՕՐԵԱՅ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾԻ Ա. ՏԱՐՈՒԱՆ 12 ՀԱՄԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Հիմա` որ արաբատառ Արեւի ամսօրեայ յաւելուածը բոլորեց իր հրատարակութեան առաջին տարին, պարտք կը նկատեմ անոր ձեռք բերած արդիւնքին մասին` առարկայօրէն ներկայացնել կարգ մը նկատողութիւններ։ Առաջին հերթին, շնորհաւորելի է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սաթենիկ Ճ. Չագըր Հիմնադրամը` որ նիւթական լայն միջոցներ տրամադրելով, կը սատարէ այս ձեռնարկին յաջողութեան (թէեւ միայն առաջին համարին մէջ նշուած է). երկրորդ` երիտասարդ պատմաբան Մոհամմատ Ռէֆա’աթի ժրաջան աշխատանքը, որ կանոնաւոր պարբերականութեամբ` հետաքրքուող շրջանակներու կը ներկայանայ ամէն ամիս։ Արդէն իսկ` «ակադեմական մակարդակով1» լոյս տեսնող արաբատառ Արեւի մասին այս նկատողութիւնները` կարգաւորուած են ամենախիստ պայմաններով. քանի որ, ըսուած է, թէ «պայման է սկզբունքային` անաչառօրէն մօտենալ նիւթերուն եւ գնահատել բարձրամակարդակ մտաւորականներու գրութիւնները...2»։ Արաբատառ Արեւի հրատարակութեան մասին` երեք հեղինակաւոր անձեր յայտնած են իրենց կարծիքը. ա. Խմբագիր Մոհամմատ Ռեֆա’աթ ալ-Իմամ։ բ. Ազգօգուտ Արեւ օրաթերթի խմբագիր Յ. Տ. Պ.։ գ. Հայ Ազգային Հիմնադրամի ատենապետ Տիար Կարպիս Եազըճեան։ Առաջին համարին մէջ, Յունուար 1998, խմբագիրը զուսպ արտայայտութեամբ կը գրէ. ϪΘϓΎϘΛϭ ϰϨϣέϷ΍ ΐόθϟ΍ ΔϘϴϘΣ ϥϮϓήόϳϻ ˬϦϴϔϘΜϣ ϢϬπόΑϭ ˬϯήμϤϟ΍ ΐόθϟ΍ ˯ΎϨΑ΃ Ϧϣ Δπϳήϋ ΕΎϋΎτϗ ϥ΃ ΪϴΑ 3 .ήΧϵ΍ ϰϠϋ ϑήόΘϟ΍ ϰϟ· ϊδϳ Ϣϟ ΎϤϫϼϛ ϥϷ Ϧϴϓήτϟ΍ ϰϠϋ ΍άϫ ϢϬϔϟ΍ ϡΪϋ ϊϘϳϭ .ϪΗέΎπΣϭ

Առաջին եւ երկրորդ համարներու լոյս ընծայումէն անմիջապէս ետք, ազգօգուտ Արեւի խմբագիր Յ. Տ. Պ. կ’անդրադառնար` թէ «Հնգամեայ ծրագրի մը յաջողութիւնն է» կամ Հինգ տարիներու մեր երազի իրականցումն է այս, որ այսօր շօշափելի իրականութիւն մը դարձած է։ Նպատակն է հայ եւ եգիպտացի արժէքներու ծանօթացումը որ նպաստէ երկու

170


§ÜϳïáÕáõÃÇõÝÝ»ñ ²ñ»õÇ ³ñ³µ³ï³é ³Ùëûñ»³Û Û³õ»Éáõ³ÍÇ ²© ï³ñáõ³Ý 12 ѳٳñÝ»ñáõÝ Ù³ëÇݦ ³ÝïÇå Ûû¹áõ³ÍÇ Ù»ù»Ý³·Çñ ûñÇݳÏÇÝ ïÇïÕáë³Ã»ñÃÁ£

171


ժողովուրդներու յարաբերութիւններու առաւել սերտացումին4։ «Ակադեմական մակարդակով» ամսագրին օրինակները ընթերցողին ձեռքը անցնելէ ետք, ...գտնուեցան մեր մէջ մի քանիներ որոնք անգիտութիւնը ունեցան թերգնահատելու զայն եւ սկսան շատախօսել, չըսելու համար չարախօսել այս հայանպաստ հրատարակութեան մասին, անհեթեթ քննադատութիւններ ընել լոյս տեսած գրութիւններու նկատմամբ, իրենց մտաւոր տհասութիւնը յայտնաբերելով, չնայելով որ անոնց հեղինակները մասնագէտներ են եւ պետական կարեւոր պաշտօններ կը վարեն5։ (Ընդգծումները` իմս են, Տ.Գ.)։ Որպէս եզրակացութիւն.

...մեր նպատակը հասցնելն է մեր արաբատառ «Յաւելուած» ամսագիրը ճոխացեալ ակադեմական շատ աւելի բարձր մակարդակի ու նաեւ հետաքրքրել եգիպտացի մտաւորականները մեր պատմութեամբ ու մշակոյթով եւ ինչու չէ նաեւ մեր ազգային եւ համայնքային կենցաղով6։ (Ընդգծումը` իմս է, Տ.Գ.)։

Արեւի արաբերէն լեզուով յաւելուած ամսագրին մասին նոյնպէս զուսպ արտայայտուած է ՀԱՀ-ի ատենապետ Տիար Կարպիս Եազըճեան, յայտնելով, թէ անոր «նպատակն է ծանօթացնել հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը եգիպտացի եւ արաբ ընթերցողներուն7»։ (Ընդգծումը` իմս է, Տ.Գ.)։ Յստակ պատկերացնելով հրատարակութեան նպատակը, քննութեան բովէ անցընելով, կը ներկայացնեմ հրատարակուած յօդուածները կամ ուսումնասիրութիւնները։ Ա. համարի առաջադրանքին անհամապատասխան նիւթեր` էջ 3-4 (ωΎοϭ΃’ ‘Ϧϳήθόϟ΍ ϥήϘϟ΍ Ϧϣ ϝϭϷ΍ ϊΑήϟ΍ ϰϓ ΔϳήμϤϟ΍ Γ΃ήϤϟ΍8 ), 5-7 (ϊϣΎΠϟ΍ ϥϮϟϮρ ϦΑ ΪϤΣ΃ ΪΠδϣ’9) ։ Յատկապէս` էջ 5-7, համար Ը. էջ 4-5 (‘˱΍ήϫ΍ί ήϫίϷ΍’10) եւ համար ԺԲ. էջ 12-13 (‘ϦδΣ ϥΎτϠδϟ΍ ΔγέΪϣ’11), եգիպտացի եւ արաբ մտաւորականներուն համար` հաւանաբար ծանօթ նիւթեր պէտք է ըլլան. իսկ եթէ հայ ընթերցողներուն համար կը նախատեսուին` արաբական ճարտարապետութեան ջերմ հիացող Կարօ Պալեան, շատ գեղեցիկ ոճով ներկայացուցած է զանոնք, իր Եգիպտոս եւ արաբական ճարտարապետութիւնը խնամեալ աշխատասիրութեան մէջ, էջ 58-64, 71-76, 126-132։ Էջ 11, թիւ 12, AUC-ի մէջ ներկայացուած` որպէս ήϴΘδΟΎϣ ΔϟΎγέ (մագիստրո սական թէզ), խնդրական է։ Այս մատենագիտութեան մէջ` արտահերթ կարելի էր յիշատակել երկու աշխատասիրութիւնները Ֆ. Հաֆէզի։ Թիւ 1, կողքին վրայ` Պօղոս Պէյ Եուսուֆը ներկայացուած է, որպէս` ΔϴϟΎΠϟ΍ βγΆϣ ΔΜϳΪΤϟ΍ ήμϣ ϰϓ ΔϴϨϣέϷ΍12. Արդեօք, իր բարձր հանգամանքով` անկախ թեմ ստեղծելու

172


պարագա՞ն նկատի ունեցած է, այլապէս` այդ մասին որեւէ յիշատակութիւն չէ յայտնաբերուած տակաւին։ Գալով ծննդեան թուականին` հայկական աղբիւրները 1768 յիշատակած են։ Բ. համար, էջ 12-13 (‘ΚϳΪΤϟ΍ ήμόϟ΍ ϰϓ ΔϳήμϤϟ΍ ΔϴϨρϮϟ΍ ΢ϣϼϣ’13), դարձեալ նպատակին անհամապատասխան գրութիւն մը։ Էջ 9, ‘ΕΎϴϨϣέ΃’ (Հայկականք)։ Յանձնարարելի էր` որպէս միակ աղբիւր նկատի ունենալ, Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտին կողմէ, 1971 թ. հրատարակուած, Հայ ժողովրդի պատմություն բազմահատորեակին` հատոր 1-ը, ուր 991 էջերու մէջ, պատմութեան իւրաքանչիւր շրջանի մասնագէտին կողմէ` սպառիչ կերպով ներկայացուած է նիւթը։ Գ. համար, էջ 2-3 (‘ϰόϓ΍ήϟ΍ ϦϤΣήϟ΍ ΪΒϋ’14), դարձեալ նպատակը չարդարացնող գրութիւն մը։ Էջ 7-8 (‘ΔϤϳΪϘϟ΍ ήμϤΑ ΔϘϠόϤϟ΍ ˯΍έάόϟ΍ ΔδϴϨϛ’15), եւ համար Զ. էջ 6-7 (ΔϠ΋Ύόϟ΍ Εήϣ ΎϨϫ Ϧϣ’ ‘ΔγΪϘϤϟ΍16), գոնէ հաւասարակշռութիւն պահելու համար միայն, կարելի էր` այդ երկու յօդուածներն ալ ղպտի հեղինակներու վստահիլ։ Գ. համար, էջ 9-10 (‘ΔϴΤϴδϤϟ΍ ϰϟ· ΔϴϨΛϮϟ΍ Ϧϣ ΔϴϨϴϣέ΃’17), Գրիգոր Լուսաւորիչի ծննդեան տարեթիւին մասին տարբեր կարծիքներ կան. այսպէս` Մաղաքիա Արք. Օրմանեան. 239 թ.։ Թորգոմ Պտք. Գուշակեան. 257 թ.։ Վեր. Մ. Հ. Մարկանեան. 239 թ.։ Շնորհք Պտք. Գալուստեան. 240 թ., անգլիական աղբիւրներու վրայ հիմնուելով։ Լուսաւորիչ Գրիգորին մահուան վայրը` Մանեայ Այրքն է. յետագային` Սուրբին աճիւնները փոխադրուած են Թորդան գիւղը։ Այս ձեւով` Tarton եւ ϥϮΗέΎΗ անունները, բոլորովին անհասկնալի կը մնան։ Վերոյիշեալ ճշտումները անհրաժեշտ կը նկատուին` եթէ երբեք, Հայերու Քրիստոնէութեան Դարձի նախապատրաստութիւններ տեղ պիտի ունենան` Բիբլիական Եգիպտոսի մէջ ալ...։ Վերջին հարցում մըն ալ. Եդեսիոյ Աբգար Ե. թագաւորը` ΔϴΤϴδϤϟΎΑ ϑήΘϋ΍ Ϧϣ ϝϭ΃ ϪΘϜϠϤϤϟ ΔϴϤγέ ΔϧΎϳΩ18ʟ Հապա՜, ազգովին կը սոնքանք` որ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը եղած է Հայաստան, Հռոմէական Կայսրութենէն իսկ առաջ, տասնամեակով մը...։ Դ. համար, էջ 3-4 (‘ήμϣ ϰϓ ϑϮμΘϟ΍ Ϧϣ ΔϟϮϬΠϣ έϮλ’19), նպատակը չարդարացնող գրութիւն մը։ Էջ 8-9 (‘ϥϮγέΪϧ΃ ήϳΎΟ ϒΤΘϣ’20), նոյնպէս։ ϦϴϴϣΩΎϛϷ΍ Էջ 7, կարելի՞ է հոյլին մէջ նկատի ունենալ` վերջին անձը, որպէս ϦϣέϷ΍21ʟ

Գալով Ύϴϓ΍ήΟϮϠΒΑ22 բառին` շատ ախուրժալուր կը հնչէ այդտեղ (ϦϴϴϤϳΩΎϛϷ΍ Ύϴϓ΍ήΟϮϠΒΑ’ ‘ΔϳήμϤϟ΍ ΕΎόϣΎΠϟ΍ ϰϓ ϦϣέϷ΍23). իմաստը` բոլոր լեզուներուն մէջ ալ նոյնն է, չեմ կարծեր` որ արաբերէն լեզուն կարենայ բացառութիւն կազմել...։

173


bibliography - a list of the books referred to in a scholarly work, usu. printed as an appendix. - a list of books of a specific author, or on a specific subject. - the history or description of books, including authors, editions24. - the study of the editions, dates, authorship of books and other writings. - a list of sources of information on a given subject, period, or the literary works of a given author. - a list of the books, articles used or referred to by an author25. - a complete or selective list of readings on a particular subject. - a branch of library science dealing with the history, physical description, and classification of books and other written or printed works26.

Պակսող անուններէն կարելի էր յիշատակել` Աղեքսանդրիոյ Պետական Երաժշտանոցին բազմամեայ տնօրէնուհին, Տիկին Լիզէթ Մկրտիչեանը, իսկ նորերէն` քանդակագործ Արմէն Կրպոյեանը (Ֆինուն կամիլա), Տիկին Մարի Զէրտէլեանը (Սիահա ուա ֆանատէք) եւ Օր. Անի Պալթայեանը (լատինագէտ)։ Էջ 10 (‘˽ ΕΎϴϨϣέ΃’27), ϯΩϼϴϤϟ΍ βϣΎΨϟ΍ ϥήϘϟ΍ ϰϓ ΔϴϨϣέϷ΍ ΔϐϠϟ΍ ΦϳέΎΗ ΃ΪΒϳ28, հայ բանասիրութիւնը տարբեր կարծիք յայտնած է այս մասին։ Էջ 11, Յովհաննէս Երուսաղէմացիին եւ իր աշակերտին մասին կ’արժէր աւելի ընդարձակ արտայայտուիլ. արուեստի պատմաբան չեխուհի մը` Zuzana Skálová, որ մասնագիտացած է icon-ներու պահպանութեան եւ վերանորոգութեան աշխատանքներու մէջ, եւ որպէս consultant երկար ժամանակէ ի վեր կը գործէ Գահիրէի մէջ, իր կատարած ուսումնասիրութիւններով ալ` հեղինակութիւն կը վայելէ, կարելի էր անոնցմէ մէկն ու մէկը արաբերէնի թարգմանելով` բաւարարուիլ...։ Ե. համար, էջ 11-12 (‘ω΍ΪΑϹ΍ Δϳήμϣ’29), նպատակին հետ առընչութիւն ունի՞...։ Զ. համար, էջ 2-3 (‘ϰοΎϤϠϟ ΓήλΎόϣ Γ˯΍ήϗ :αΪϘϤϟ΍ ρΎΑήϟ΍’30), նոյն նկատողութիւնը։ Էջ 4-5 (‘ΔϴϨϣέϷ΍ ΔϳΪΠΑϷ΍ :˾ ΕΎϴϨϣέ΃’31), Մաշտոցի ծննդեան եւ մահուան թուականները` նորագոյն ուսումնասիրութիւններու մէջ արդէն ճշտուած են։ Թարգմանութիւններու մասին յայտնուած կարծիքն ալ` շատ սահմանափակ է։ Այս մասին յանձնարարելի է կարդալ` Արտաշէս Մարտիոսյան, Մաշտոց (Պատմա-քննական տեսություն), Երևան, Մատենադարան, Հայկական ՍՍՀ Մինիստրների Խորհրդին առընթեր Մաշտոցի անվան հին ձեռագրերի ինստիտուտ, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչություն, 1982, 443 էջ։ Էջ 8-9 (‘ˮϝΎϣ Δϣί΃ ϡ΃ ...ΔΒϫϮϣ Δϣί΃ :ΔϳήμϤϟ ΎϤϨϴδϟ΍ Δϣί΃’32) եւ 10-11 (ϕϼϤϋ :ΩΎϘόϟ΍ Ωϼϴϣ ϯήϛΫ ϰϓ’ ‘ϰΑήόϟ΍ ΏΩϷ΍33), նպատակին լրումին կը ծառայե՞ն...։ Է. համար, էջ 5-7 (˺̂˾˻ ΔϴϟϮϳ˻˿34), 1 1 (‘ௌ ΏΎΣέ ϰϓ ήϴϨΘδϤϟ΍ Δϴϋ΍Ϊϟ΍’35), 12-13 (Ωϼϴϣ :ϰϜηϮΗ’ ‘ΪϳΪΟ ήμϣ36), 14-15 (‘ήρ΍ϮΨϟ΍ ήΒΟ’37) եւ 16-17 (‘ήμϣ ϰϠϋ Δϴδϧήϔϟ΍ ΔϠϤΤϟ΍’38), այս բոլոր գրու-

174


թիւնները` հայերը, եգիպտացի եւ արաբ մտաւորականութեան ներկայացնելու համար գրի առնուա՞ծ են...։ Ը. համար, էջ 1 (‘ϦϴϳήμϤϟ΍ ΔΒϫ ήμϣ’39), 2-3 (‘ΪϳΪΟ ϢϟΎϋ ϰϟ· ΔΑ΍ϮΑ :ϯήμϤϟ΍ ϰϋΎϨμϟ΍ ήϤϘϟ΍’40), (‘Ϧϳήθόϟ΍ ϥήϘϟ΍ ΕϻΎϳΪϧϮϣ ήΧ΁ ΔϠτΑ Ύδϧήϓ’41). ըստ նպատակի՞ են...։ 9 Էջ 6-8, ‘˿ ΕΎϴϨϣέ΃’42, եւ համար ԺԱ. ‘̀ ΕΎϴϨϣέ΃’43, ներկայացուած ժամանակագրութիւնները` հետաքրքրական են, բայց առաջին ներկայացումը չեն. պէտք է բաղդատել Ֆուատ Հաֆէզի աշխատութեան հետ։ Կողքին կռնակը` ‘Ζόϓέ ΪϤΤϣ ϒϴηέ΃ Ϧϣ ˬΓέϮλ ΔϳΎϜΣ’44 գրուած է. ներկայացուած լուսանկարը` պատմական գրականութեան մէջ ծանօթ է...։ Թ. համար, էջ 5 (‘˺̂​̂́ ϡΎϋ ϰϟϭΪϟ΍ ΢ϣΎδΘϟ΍ ΰϣέ :ϙέΎΒϣ ϥ΍ίϮγ ΓΪϴδϟ΍’45), 10-11 (ϰϨϳΪϟ΍ ήϜϔϟ΍’ ‘ήμϣ ϰϓ ϯέΎπΤϟ΍ έϮτΘϟ΍ ΕΎϴϟΎϜη·ϭ46), 12-13 (‘υϮϔΤϣ ΐϴΠϧ ΔϴΛϼΛ ϰϓ ϰΨϳέΎΘϟ΍ Ϊό˵Βϟ΍’47), 1 4 (ϖϳήρ’ ‘Ϟπϓ΃ ϊϤΘΠϣ ϰϟ·48), 1 5 (‘ΔοϭήϟΎΑ ϞϴϨϟ΍ αΎϴϘϣ’49). ըստ նպատակի՞ են...։ Էջ 6-9 (‘ΔϴϨϣέ΃ ˯ΎϤγ΄Α ΔϳήϫΎϗ ωέ΍Ϯη’50), Աւետիսեան փողոցը, միտան Թահրիրի մօտ, զանց եղած է։ Կողքին կռնակը` նոյն նկատողութիւնը։ Ժ. համար, էջ 5-7 (‘ϒϴϟέΎΑ ΓέϮτγ΃ ϢϴτΤΗ ϰϓ ϯήμϤϟ΍ ίΎΠϋϹ΍’51), 14-15 (‘ϯϭ΁ ϦΑ΍ ΓΩϮϋ’52). ըստ նպատակի՞ են...։ ԺԱ. համար, էջ 4-6 (‘ΔϴΑήόϟ΍ ΔϐϠϟ΍ ϰϤϠόϣ Ω΍Ϊϋ· ϰϓ νϭήϔϤϟ΍ϭ νϮϓήϤϟ΍’53), 1 3 (ϙϮϠϣ Ε΍ήθΤϟ΍’ ‘ΔϜϠϣ εήϋ ϰϠϋ54). ըստ նպատակի՞ են...։ Էջ 7-9 (‘βΘϧΎϳΎϣϮΗ έ΍ϭΩ·’55), ուղղակի Special Advertizing Section-ի տպաւորութիւն կը գործէ։ Ամերիկացի գրող մը շատ աւելի զուսպ արտայայտուած էր նոյն անձին մասին. Paul J. Magnarella, ‘The Armenian Master of Islamic Art’, Ararat, Volume XXVIII, No 1, Winter 1987, pp. 17-19. ԺԲ. համար, էջ 5-9 (‘Ϧϴϳήμϣ ΔϘϟΎϤϋϭ Ω΍ϭέ Ωϼϴϣ ΔϳϮΌϣ’56), 10-11 (‘ΔϳΪϘϧ Δϳ΅έ :ΔϳήμϤϟ΍ ΎϤϨϴδϟ΍’57), 1 6 (‘ΓΪ΋΍έ ΔϴϘϴγϮϣ ΔΑήΠΗ’58). ըստ նպատակի՞ են...։ Եւ փա՜ռք, յաւիտեանս...։ Մեծագոյն մասը ներկայացուած նկատողութիւններուն` կարելի էր զանց ընել, եթէ ծրագրումի եւ երազումի հինգ տարիներուն` աչքի առջեւ ունեցած ըլլային հայագիտութեան նուաճումները...։ Ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուով լոյս տեսած հանդէսները` «ակադեմական մակարդակ» ապահովելու համար, անպայման դիմած են թարգմանութիւններու բարերար աշխատանքին...։ Կարելի էր` եւ պէտք էր, նոյնը կատարել արաբերէն լեզուով...։ Անցեալին, նման շատ օգտակար աշխատանք կատարած է` ողբացեալ Արամ Պ. Մովսէսեան. դժբախտաբար, անտիպ կը մնան։ Գալով «ակադեմական մակարդակ» որակումին` հարկ կը նկատեմ, այստեղ քանի մը հեղինակաւոր բառարաններու սահմանումները ներկայացնել, միտքերու մէջ գոյութիւն առած անորոշութիւնները ուղղելու դիտաւորութեամբ։

175


academic - scholarly, to do with learning. - of or relating to a scholarly institution59. - scholastic, scholarly. - of or belonging to an academy of scholars, artists. - following fixed rules or conventions60. - pertaining to areas of study that are not vocational or applied61. accadèmico - che si riferisce a une accademia62.

accademia - Ora, comunemente, per accademia, si intende qualunque adunanza o concesso di dotti studiosi in qualsiasi ramo di letteratura o di scienza, e il luogo stesso in cui i dotti si adunato. Pero, il nome di accademia è più specialmente adatto agli istituti di belle lettere63.

Կատարուած աշխատանքին արդիւնաւէտութեան մասին` ամէնէն չափաւոր գնահատականը, Զարթօնք օրաթերթին մէջ լոյս տեսածն է64։ Նման հրատարակութեան մը պարագային, որքան յանձնարարելի պիտի ըլլար կիպրացիներուն արդիւնաւէտ փորձը` շատ կոկիկ եւ հետաքրքրական երկամսեայ հանդէսը, Cyprus Today, a bimonthly cultural and informative review of the Ministry of Education, published and distributed by the Public Information Office, Nicosia, Cyprus. Որպէս եզրակացութիւն` բոլոր ըսուածներուն, կը փափաքիմ արաբատառ Արեւի շարունակութեամբ շահագրգռուած անձերու նկատողութեան յանձնել ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, աշխարհագրական գիտութիւններու դոկտոր պրոֆեսոր Գրիգոր Աւագեանի դիտարկումները. Երկար տարիների իմ դիտարկումները, ցոյց են տուել, որ օտարները չեն ճանաչում մեզ` հայերիս, եւ մեր բնակեցրած տարածքը` Հայաստան երկիրը։ Դա ինքնին հասկանալի է` իւրաքանչիւրը ձգտում է ճանաչել ինքն իրեն եւ իր երկիրը։ Ոչ ոք ժամանակ չունի զբաղուելու ուրիշներով։ Անկեղծ ասած, այնքան էլ հեշտ ու դիւրին չէ նման համակողմանի ինքնաճանաչումը։ Առաւել բարդ է ինքնաճանաչումը։ Սովորաբար անհատը հակուած է տեսնել ազգի դրական գծերը, իմանալ նրա պատմութեան փառահեղ էջերը։ Դա յատուկ է յատկապէս փոքրաթիւ ազգերի զաւակներին, որովհետեւ փոքրերը դրանով ձեռք են բերում գոյատեւելու ինքնավստահութիւն։ Հայերիս` որպէս էթնիկական ուրոյն միաւորի, ճանաչումը առաւել դժուար է, որովհե-

176


տեւ ճակատագրի բերումով ցրուել ենք աշխարհով մէկ եւ փոքր խմբերով (գաղութներով) ապրում ենք ուրիշ ժողովրդների մէջ` կրելով նրանց բարոյա-քաղաքական, նոյնիսկ բնապատմական ազդեցութիւնները։ Իմ համոզմամբ, գոնէ հիմնական գծերով ճանաչելով Հայաստանը եւ մենք մեզ, կարող ենք ազգաշահ եզրակացութիւններ անել եւ ճիշտ կողմնորոշուել յանուն մեր գոյատեւման։ Այժմ, քան երբեւէ, սխալուելու իրաւունք չունենք։ Մեր փոքր անզգուշութիւնն անգամ կարող է ծանր, անուղղելի հետեւանքներ ունենալ` հէնց մեզ համար65։ Մեքենագիր, անտիպ, 19 Ապրիլ 1999

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մեքենագիր օրինակին մէջ կը բացակային արաբերէն գրութիւններուն եւ խորագիրներուն հայերէն թարգմանութիւնները։ Ծանօթագրութիւններուն մէջ աւելցուած բոլոր հայերէն թարգմանութիւնները կատարուած են իմ կողմէս` Հայկ Աւագեան։ 1. Յովհ. Տէր Պետրոսեան, «Արեւ օրաթերթի արաբերէն լեզուով «Յաւելուած» ամսագրի լոյս ընծայումը», Արեւ, օրաթերթ, 4 Մարտ 1998, թիւ 23554, էջ 1։ 2. Նոյն տեղը, էջ 1։ 3. Արդարեւ, եգիպտացի ժողովուրդի լայն զանգուածներ, որոնց մէջ կը գտնուին մտաւորականներ, չեն ճանչնար հայ ժողովուրդին իրականութիւնը, անոր մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը։ Երկու կողմերն ալ պատասխանատու են այս թերացումին, քանի որ չեն ձգտած ճանչնալ զիրար։ 4. Յովհ. Տէր Պետրոսեան, «Արեւ օրաթերթի արաբերէն լեզուով «Յաւելուած» ամսագրի լոյս ընծայումը», էջ 1։ 5. Նոյն տեղը, էջ 1։ 6. Նոյն տեղը, էջ 1։ 7. Յ. Տ. Պ., «Արեւ արաբերէն ամսական յաւելուածին հրատարակութեան Ա. տարեդարձին առթիւ ճաշկերոյթը», Արեւ, օրաթերթ, 29 Դեկտեմբեր 1998, թիւ 23752, էջ 2։ 8. «Եգիպտացի կնոջ իրավիճակը Ի. դարու առաջին քառորդին»։ 9. «Իպն Թուլուն մզկիթը»։ 10. «Ծաղկուն Ազհարը»։ 11. «Սուլթան Հասանին դպրոցը»։ 12. «Հայ գաղութին հիմնադիրը արդի Եգիպտոսի մէջ»։ 13. «Եգիպտական ազգայնականութեան առանձնայատկութիւնները արդի ժամանակաշրջանին»։ 14. «’Ապտէլ Ռահման Ալ-Ռաֆ’ի»։ 15. «Հին Եգիպտոսի մէջ գտնուող Աստուածածնի կախուած եկեղեցին»։ 16. «Այստեղէն անցաւ սուրբ ընտանիքը»։ 17. «Հայաստանը` հեթանոսութենէն դէպի քրիստոնէութիւն»։ 18. Առաջինն է` որ իր կայսրութեան համար քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ պաշտօնական կրօնք։

177


19. «Միսթիսիզմի անյայտ պատկերներ Եգիպտոսի մէջ»։ 20. «Կայէր Անտերսոն թանգարանը»։ 21. «Հայ ակադեմականներ»։ 22. Bibliography. 23. «Եգիպտական համալսարաններու հայ ակադեմականներու մատենագիտութիւն»։ 24. The Concise Oxford Dictionary of Current English, Eighth edition, Oxford, 1990, p. 106. 25. Webster’s New World Dictionary of American English, Third college edition, New York, London, Toronto, Sydney, Tokyo, Singapore, 1991, p. 135. 26. Webster’s Encyclopedic Unabridged Dictionary of the English Language, New York/Avenel, New Jersey, 1989, p. 145. 27. «Հայկականք 4»։ 28. Հայերէն լեզուի պատմութիւնը կը սկսի Ե. դարուն։ 29. «Ստեղծագործութեամբ` եգիպտացի»։ 30. «Սրբազան կապը. ժամանակակից ընթերցում մը անցեալին»։ 31. «Հայերէն այբուբենը»։ 32. «Եգիպտական սինեմայի տագնապը. տաղանդի՞ թէ դրամի տագնապ»։ 33. «’Աքքատի` արաբական գրականութեան հսկայի ծննդեան յիշատակին առիթով»։ 34. «26 Յուլիս 1952»։ 35. «Լուսաւորիչ քարոզիչը` վախճանած»։ 36. «Թոշքա. նոր Եգիպտոսի ծնունդը»։ 37. «Նորոգուած բարոյականութիւնը»։ 38. «Ֆրանսական արշաւանքը Եգիպտոսի վրայ»։ 39. «Եգիպտոսը պարգեւն է եգիպտացիներուն»։ 40. «Եգիպտական արբանեակը. ուղի մը դէպի նոր աշխարհ»։ 41. «Ֆրանսա` Ի. դարու վերջին մոնտիալին ախոյեանը»։ 42. «Հայկականք 6»։ 43. «Հայկականք 7»։ 44. «Լուսանկարի մը պատմութիւն, Մոհամմատ Ռէֆա’աթի արշիւէն»։ 45. «Տիկին Սուզան Մուպարաք. միջազգային հանդուրժողականութեան խորհրդանիշը 1998-ին»։ 46. «Կրօնական միտքը եւ քաղաքակրթութեան զարգացումի խնդիրները Եգիպտոսի մէջ»։ 47. «Պատմական հեռանկարը` Նակիպ Մահֆուզի եռերգութեան մէջ»։ 48. «Ճանապարհ` դէպի աւելի լաւ հասարակութիւն»։ 49. «Նեղոսի չափը նիլոմեթրով»։ 50. «Գահիրէի փողոցներ` հայկական անուններով»։ 51. «Եգիպտական հրաշալիքը եւ Պարլեւի առասպելին ջախջախումը»։ 52. «Շնագայլին վերադարձը»։ 53. «Մերժուածը եւ պարտադիրը` արաբերէն լեզուի դաստիարակներու պատրաստութեան մէջ»։ 54. «Միջատները` արքաներ թագաւորական գահին վրայ»։ 55. «Էտուար Թումայեանց»։

178


56. «Եգիպտացի առաջամարտիկներու եւ տիտաններու ծննդեան հարիւրամեակները»։ 57. «Եգիպտական սինեման. քննադատական տեսակէտ»։ 58. «Երաժշտական առաջատար փորձ մը»։ 59. The Concise Oxford Dictionary of Current English, p. 6. 60. Webster’s New World Dictionary of American English, Third college edition, p. 6. 61. Webster’s Encyclopedic Unabridged Dictionary of the English Language, p. 7. 62. Il nuovo Zingarelli: vocabolario della lingua italiana, undicesima edizione, Bologna, 1896, p. 9. 63. Lexicon Vallardi: enciclopedia universale illustrata, Volume I – A, p. 79. 64. Ժիրայր Դանիէլեան, «Արաբներուն մատչելի որակաւոր հրատարակութիւն մը», Արեւ, օրաթերթ, 11 Յունուար 1999, թիւ 23759, էջ 3։ 65. Գրիգոր Ավագյան, Հայաստանը և հայերս աշխարհում, Երևան, 1992, «Որպես առաջաբան», էջ 5-6։

179


Թ.-ԺԹ. ԴԱՐԵՐՈՒ ՀԱՅՄԱՆՐԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Արդէն չորս տասնամեակէ ի վեր, Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Առընթեր Մ. Մաշտոցի Անուան Հին Ձեռագրերու Ինստիտուտը` դարձած է հանրապետութեան գիտական միտքի գլխաւոր օճախներէն մէկը: Հին Ձեռագրերու Ինստիտուտը` որ համայն աշխարհին այլեւս ծանօթ դարձած է Մատենադարան անունով, հայագիտութեան բոլոր ճիւղերը ուսումնասիրելու համար, մէկտեղած է գիտնականներու մնայուն անձնակազմ մը` որուն մեղուաջան աշխատակիցներէն է արուեստաբան Աստղիկ Գէորգեանը: Ան` իր գիտական ուսումնասիրութիւններուն առարկան դարձուցած է միջնադարեան արուեստի ճիւղերէն` մատենական գեղանկարչութիւնը, որուն մասին գրած յօդուածները` լոյս տեսած են հայագիտական եւ արուեստի պարբերական մամուլին մէջ. ատոնցմէ զատ, հրատարակած է երկու թեմատիկ ալպոմներ1: Տարիներու ընթացքին իր ուսումնասիրած բոլոր մանրանկարներուն գիտական դասաւորումով եւ օգտագործած գրականութեան ամփոփումով, Աստղիկ Գէորգեան հրապարակ հանեց Հայ մանրանկարիչներ, Մատենագիտութիւն, IXXIX դդ. հատորը, որ լոյս տեսաւ Գահիրէի մէջ, 1998-ի վերջաւորութեան: 822 էջերէ բաղկացած այս փառաւոր հատորը տպագրութեան յանձնուած է Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գիտական խորհուրդին որոշումով, եւ տպագրութեան արժանացաւ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի «Սաթենիկ Ճ. Չագըր» Հիմնադրամի միջոցներով: Ձեռագրագէտ (պատմական գիտութիւններու թեկնածու) Ա. Մաթեւոսեան եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Ա. Տէր-Ստեփանեան եղած են հատորին հրատարակութեան խմբագիրները, իսկ յառաջաբանին խնամուած թարգմանութիւնը կատարած է Ա. Չարխչեան: Ամենասեղմ տողերու մէջ` կը փորձեմ Ջահակիրի ընթերցողներուն ներկայացնել այս աշխատութեան էական մասերը: Յառաջաբան` էջ 5-11, Préface, 12-18: Համաշխարհային ճանաչումի արժանացած հայ մանրանկարչութիւնը` Աստղիկ Գէորգեանի գնահատումով, իր ամբողջութեան մէջ, անհրաժեշտ ձեւով չէ ուսումնասիրուած տակաւին. շարք մը գրչատուներ` բարձրարուեստ եւ

180


ինքնատիպ նկարազարդումներ ունեցող իրենց ձեռագրերով, մասնագէտներու ուշադրութեան չեն արժանացած: Կան ձեռագիրներ` որոնց ծաղկողներուն ինքնութիւնը չէ որոշուած. պարզուած չէ նաեւ, թէ այս կամ այն ձեռագիրը մանրանկարչական ո՞ր դպրոցին կը պատկանի: Կը պակսին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ բովանդակող աղբիւրներ` նկարազարդ ձեռագրերու մատենագիտութիւն, մանրանկարիչներու եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն լիակատար ցուցակը, թեմատիկ նկարներու ցանկեր` որոնք արուեստաբաններուն հնարաւորութիւն կրնան տալ հիմնաւորապէս զբաղելու իրենց հետաքրքրող հարցին խոր ուսումնասիրութեամբ: Ահա, ճիշտ այդ թերիները լրացնելու նպատակով, Աստղիկ Գէորգեան կազմած է ներկայացուող «Մատենագիտութիւն»-ը: Դարերու ընթացքին, ձեռագրերը բազմացուած եւ իրենց գոյութիւնը պահպանած են ընդօրինակումի շնորհիւ. այսպէս, կ’օրինակուէին ոչ միայն նոյն գրչատան մէջ պատրաստուած մատեանները, այլեւ տարբեր գրչատուներէ հայթայթուած բարձրարուեստ գործեր: Ծաղկող, նկարող, ոսկող, դեղիչ, գունող, պատկերահան, զուգող մասնագիտական նեղ կոչումներ տրուած են այն գրչատուներուն մէջ, ուր ձեռագրի պատրաստութեան մասնակցած են մէկէ աւելի մասնագէտներ. «վարպետաց վարպետ»-ը կը կատարէր ուրուանկարները, իսկ օգնականները` ոսկեզօծումն ու գունազարդումը: Այս նկարիչներուն մեծ մասը ունեցած է մասնագիտական կրթութիւն եւ սորված է գեղանկարչական դպրոցներու մէջ: Ասոնցմէ զատ եղած են նաեւ ինքնուս նկարիչներ ալ: Նկարչութիւն սորվելու առաջին պայմանը` նկատուած է օրինակութիւնը. ձեռագիրներու օրինակութեան համար, որպէս նախագաղափար օրինակ ծառայած են նկարազարդուած լաւագոյն ձեռագրերը եւ յատուկ տետրեր, որոնց մէջ վարպետ ծաղկողին կողմէ` ուրուանկարի ձեւով տրուած են զարդանկարներու, զարդագրերու, տէրունական նկարներու բազմաթիւ օրինակներ, աշակերտներուն սորվեցնելու նպատակով: Հայ արուեստի պատմութեան մէջ բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ Վենետիկի Մխիթարեաններու Մատենադարանը պահուող թ. 1434 ձեռագիրը, որ 59 թերթերէ բաղկացած փոքրածաւալ մատեան մըն է. այս ձեռագրին մասին անդրադարձած է Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, պայմանականօրէն զայն կոչելով` Պատկերուսոյց գիրք: Ասոր նման ձեռնարկ մըն է նաեւ Մատենադարանի թ. 3833 ձեռագիրը: Ուսուցողական այս ձեռնարկներէն զատ, նկարիչներն ալ յաճախ իրենց համար պատրաստած են ուրուանկարներու տետրեր, ինչպէս` ԺԹ. դարու մանրանկարիչ Սահակ Ծաղկարարի Խրատք ծաղկարարութեանը: Մատենագիտութիւն` էջ 19-748: Այս բաժինը` այբբենական շարքով կը պարփակէ Թ.-ԺԹ. դարերու 464

181


(առաւել կրկնակի համարներ ունեցող 230ա, 234ա, 361ա, 450ա) մանրանկարիչներու շատ համառօտ կենսագրութիւնը, եւ անոնց` Մաշտոցի անուան Մատենադարանը պահուած մանրանկարներուն մատենագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ համառօտիւ ներկայացուած են կատարուած ուսումնասիրութիւնները` նկատի առնելով ճշտումներն ու լրացումները: Այստեղ կարելի է ուրուագրել գեղանկարչական դպրոցներու գործունէութեան ընթացքը. Թ.-ԺԲ. դարերէն` ծանօթ են ծաղկողներու 13 անուն: Իւրաքանչիւրէն պահպանուած է մէկական ձեռագիր: ԺԲ. դարէն` ծանօթ անուններ են, կիլիկեան մանրանկարիչներ` Գրիգոր Մլիճեցին, Գրիգոր Ակոռեցին, Կոզման: ԺԳ. դարու 39 ծաղկողներու մեծ մասը կրթութիւն ստացած եւ ստեղծագործած է Կիլիկիոյ մէջ. նշանաւոր են` Թորոս Ռոսլինը, Թորոս Փիլիսոփան, Կիրակոսը, Սիոնը, Գրիգոր Պիծակը, Ստեփանոսը, Մարգարէն: ԺԴ. դարուն անուանի դարձած են Վասպուրականի, Սիւնիքի, Արցախի, Բարձր Հայքի, Ղրիմի գրչատուները, ուր ձեռագրեր օրինակած են 67 նկարիչներ` Սարգիս Պիծակը, Թորոս Տարօնացին, Մոմիկը, Աւագը, Գրիգոր Տաթեւացին, Զաքարիա Աղթամարցին, Յովհաննէս Խիզանցին, Ծերուն ծաղկողը, Մինասը, գրիչ Նատերի որդիներ` Աւետիսը եւ Ստեփանոսը, Առաքելը, Կիրակոսը: ԺԵ. դարուն` 95 ծաղկողներ ձեռագրեր նկարազարդած են Վասպուրականի, Սանահին-Հաղբատի, Սիւնիքի, Թիֆլիսի մէջ եւ այլուր. վարպետ նկարիչներ էին` Թումա Մինասենցը, Կարապետ Աղթամարցին, Կարապետ Բերկրեցին, Յովհաննէս Սանահնեցին, Օքսենդը, Մանուէլը: ԺԶ. դարու 54 ծաղկողներէն անուանի են` Խաչատուր Խիզանցին, Սարգիս Մոկացին, Առաքել Գեղամեցին: ԺԷ. դարուն` հայ գրչութեան դպրոցները ծաղկում կ’ապրին. 147 ծաղկողներէն նշանաւոր են` Հայրապետ Ջուղայեցին, Նիկողայոս Մելանաւորը, Խաչատուր Խասպեկը: ԺԸ. դարուն` ձեռագիր մատեանները իրենց տեղը կը զիջին տպագիր գիրքերուն: Մեզի հասած 40 ծաղկողի անուններէն յիշատակելի են` Յովհաննէս Կեսարացին, Գէորգ Թոխաթեցին, Գաբրիէլ ծաղկարարը: ԺԹ. դարէն հասած են 9 ծաղկողի անուն: Սահակ ծաղկարարը եւ Սիմէոն Դզնունին զարդանկարած են կաթողիկոսական կոնդակներ, եւ ձեւաւորած են տպագիր գիրքեր: 468 ծաղկողներու փաղանգին մէջ` ուշագրաւ է հայ իգական սեռին ներկայութիւնն ալ. Արուզ Խաթուն, Գոհարիկ, Մարգարիտ: Ծաղկողին մասին կենսագրական առկայ տեղեկութիւնները անոնց ծաղկած ձեռագրերը` ներկայացուած են հետեւեալ հարցակարգով.

182


Ձեռագրի համար, Բովանդակութիւն, Ժամանակ, Վայր, Գրիչ, Ձեռագրի նկարազարդում (շատ մանրամասնեալ), Գլխազարդ, Զարդագրութիւն, Դիմանկար (մանրամասնեալ), Գոյն (մանրամասնեալ), Յիշատակարան (մանրամասնեալ), Ծանօթագրութիւն (բազմաբնոյթ), Գրականութիւն: Գիտական մանրակրկիտ հանդերձանքը` մեծապէս կը դիւրացնէ այս յոգնասպառ Մատենագիտութեան օգտագործումը. այսպէս, Թեմատիկ նկարներու ցանկը` էջ 751-777, Դիմանկարներ (Գրիչներ, ծաղկողներ, Պատուիրատուներ եւ ստացողներ, Մշակոյթի գործիչներ, Թագաւորներ, Իշխաններ, Ճգնաւորներ եւ անապատականներ, Նահատակներ, Զօրավարներ, Սուրբեր եւ առաքեալներ, Մարգարէներ)` էջ 777-789, Մանրանկարիչներու այբբենական ցանկը` էջ 789798, ժամանակագրական ցանկը` էջ 798-806, Տեղանուններ` էջ 806-811, օգտագործուած ձեռագրեր` էջ 812-814, գունաւոր XXXII տախտակներու ցանկը` էջ 815, Գրականութիւն` էջ 816-822: Մատենադարանի հարիւրաւոր ձեռագիրներու ուսումնասիրութեամբ պատրաստուած 468 մանրանկարիչներու Մատենագիտութիւնը` վստահելի տեղեկատու մըն է արուեստաբաններուն ձեռքը. մեծ եւ փոքր ձեռագրական հաւաքածոներու ուսումնասիրութեամբ` ժամանակի ընթացքին, նոր տուեալներով կարելի է ամբողջացնել եւ համալրել զայն: Մինչ այդ, այս տքնաջան աշխատութեան հրատարակութենէն ետք, մեզի` հիացող ընթերցողներուս, կը մնայ յարատեւութիւն մաղթել, որպէսզի Աստղիկ Գէորգեան կարենայ աւարտին հասցնել իր կազմած Անանուն մանրանկարիչների VI-XIX դդ. Մատենագիտութիւնն ալ, եւ դարձեալ «Սաթենիկ Ճ. Չագըր» Հիմնադրամի մեկենասութեամբ` լոյս տեսնէ Գահիրէի մէջ:

ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Մատենադարանի ղեկավարութիւնը` որ մաշտոցեան կամ դասական ուղղագրութեան անաղարտ պահպանումին ջատագով եւ նախանձախնդիր գտնուած է միշտ, այս հատորին «Յառաջաբան»-ին մէջ, զարմանալիօրէն աչքաթող ըրած է ուղղագրական անհեթեթ սխալներ. տողատակի ծանօթագրութիւն` 1. տէսութեան, 2. ծօվական, էջ 6 այստէղ, էջ 7 Կ. Պօլիս (2 անգամ), Կիլիկեայում, էջ 8 վարպէտ, մէծ, էջ 9 մէծ, էջ 10 Առաքէլ, էջ 11 չէնք միջամտել: Անշուշտ, այս խոցելի թերիները կարելի էր դիւրութեամբ զանց ընել` եթէ գոնէ անգամ մը ուշադրութեամբ կարդացուած ըլլար` հոս, Գահիրէի մէջ...: Նոյնպէս զանց պիտի ըլլային հրատարակչական անփութութեամբ յառաջ եկած թերիներն ալ...: Թարգմանական վրէպ մըն է` Le long des quatorze siècles d’existence du scriptorium de Tathev, էջ 12, (բնագիր` էջ 5, Տաթեւի 14-րդ դարի գրչատան գոյատեւման ընթացքում):

Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 15 Յուլիս 1999, թիւ 1407

183


ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Աստղիկ Գեվորգյան, Արհեստներն ու կենցաղը հայկական մանրանկարներում, Հայաստան Հրատարակչություն, Երեվան, 1978, 155 էջ: Հայկական մանրանկարչություն. Դիմանկար, Կազմեց, առաջաբանը գրեց Աստղիկ Գեվորգյանը, Սովետական Գրող Հրատարակչություն, Երեվան, 1982, 246 էջ:

184


ԻՒՐՕՐԻՆԱԿ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Խաղողը` պտուղներու թագուհին:

Երեւանի Ամաբաս տպագրական հաստատութեան կողմէ, 1997 թ. լոյս տեսած է Միքայէլ Զաքարի Մարգարեանի Վայելչական գինեբանեայ. Գիրք գինեմեծար եւ խորհրդատու առաքինութեանց պատկերազարդ եւ գունատիպ հատորը, որուն հրատարակութիւնը իրականացած է Վեդիի Գինիի Գործարան Բաժնետիրական Ընկերութեան մեկենասութեամբ: Հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով գրուած, այս հետաքրքրական գիրքին հայերէն բաժինները միայն, կ’արժէ որ համառօտ ներկայացնեմ Ջահակիրի ընթերցողներուն ուշադրութեան: Էջ 7-13-ի` Վասն գինեւէտ խաղողի, եւ Վասն գինու վայելչական «Առասացութիւններ»-ը ներկայացնելէ առաջ, հարկ կը նկատեմ բացատրել գիրքին խորագրին իմաստը` Վայելչական գինեբանեայ. պատշաճօրէն` ինչ որ խօսուած է գինիի մասին: Անմիջապէս յայտնեմ` որ գինեբանեայ բառը, նորաբանութիւն է, եւ հեղինակին բառակերտումն է, հատորին բովանդակութեան պատշաճող: Հնէաբուսաբաններուն կատարած պեղումներուն նիւթական վկայութիւններով` հաստատուած է, որ Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ` գինեգործութիւնը եղած է գրեթէ նոյնքան հին, որքան` խաղողագործութիւնը: Սկսելով նայիրեան եւ ուրարտական ժամանակաշրջաններէն, հասած են խաղողի ածխացած սերմեր, խաղողագործական գործիքներ, հնձաններ, գինեգործական կարասի, սկիհ եւ ըմպանակ, փարչեր, գաւեր, մառաններ. ինչպէս նաեւ ճարտարապետական կառոյցներու վրայ` քանդակագործական կերպաւորումներ, եւ ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ ալ` յիշատակութիւններ: Գինին` իբրեւ սննդամթերք եւ կենցաղի անհրաժեշտ պարագայ, իսկապէս յարգի եղած է ուրարտացիներու կեանքին մէջ. այս իրողութիւնը կը փաստեն Թեյշեբաինի քաղաքին եօթը գինեպահոց մառանները` որոնցմէ մէկուն մէջ գտած են 480 տակառներ, 37000 տեքալիթր ընդհանուր տարողութեամբ: Նոյնքան հետաքրքրական են Թեյշեբաինի ամրոցին բարձրադիր մասին վրայ, 100 արեւահայեաց հարթակները, ուր կարասներ տեղադրելով, արեւահարութեամբ հարստացուցած են իրենց պատրաստած գինիներուն համը եւ բոյրը, կայունացուցած` անոնց որակական բարեմասնութիւնները, եւ տեւականացուցած` գործածութեան ժամկէտը:

185


Հերոդոտոս պատմիչն ալ կը հաւաստէ, թէ Արածանիի հոսանքն ի վար, գետանաւերով կը փոխադրուէին հայաստանեան գինիները` վաճառահանելու համար Բաբելոնի եւ Միջագետքի դրացի երկիրներու մէջ: Նախնադարեան եւ հնադարեան Հայաստանի մէջ, ներքին եւ արտաքին շուկայի պահանջարկով, կը բարգաւաճի գինեգործութիւնը. այսպէս, Ստրաբոն աշխարհագիրն ալ կը հաղորդէ, թէ Արաքսենի մէջ, խաղողենիի մէկ որթաթուփին բերքը` բաւարար է չորս տասնեակ լիթր գինի պատրաստելու համար: Իբրեւ հայրենական մշակոյթի անբաժանելի մաս, հայաստանեան խաղողագործութիւնն ու գինեգործութիւնը` պատմութեան նոր ժամանակներու ընթացքին, տնայնագործական եղանակները փոխարինած է բազմակիօրէն նոր եղանակներով, բազմապատկելով իր արտադրական ծաւալները եւ եկամուտը. ատիկա տեղի ունեցած է յատկապէս ԺԹ. դարու վերջին քառորդին ընթացքին, երբ դրամատիրական յարաբերութիւնները սկսած են զարգանալ: Ներսէս Թաիրեանցի գործարանը, ապա` Դաւիթ Սարաջեանի, Կարապետ Աֆրիկեանի, Գէօզալեան եղբայրներու, Համբարձում Սողոմոնեանի գինեգործական ձեռնարկութիւնները հիմք հանդիսացած են հայկական արդիւնաբերական գինեգործութեան: 1920 թ., արտադրական այլ ձեռնարկութիւններու շարքին` ազգայնացուած են նաեւ գինեգործարանները: Սովետական իշխանութեան տարիներուն, մինչեւ իսկ եղած են աստեղային ժամանակներ` երբ ամբողջ աշխարհի մէջ փառաւորուած է հայկական գինեգործութիւնը եւ գոնեակագործութիւնը: Իրաւական եւ տնտեսավարումի նորօրեայ յարաբերութիւններու մէջ, երբ` մէկ կողմէ սեփական ձեռներէցութիւն դրսեւորելու հնարաւորութիւններ տրուած են, իսկ միւս կողմէ` շուկայական մրցակցութեան բերումով, արտադրութեան այս ճիւղը գոյատեւելու համար` անհրաժեշտ է տեսականիի բազմազանութիւն եւ հանրօրէն ընդունելի որակ ապահովել: Հարբե՞լ, թէ արբենալ, էջ 23-24: Գեղեցիկ, քնքուշ, նրբին զգացողութիւններու բնութագրական արտայայտութիւնն է արբենալը, իսկ հարբիլը` հոգեկան եւ ֆիզիքական վիճակի խեղդուածութիւնն է, ալգոլի ներգործութեամբ: Ալգոլամոլութիւնը` հիւանդութիւն է, որ յառաջ կու գայ ոգելից ըմպելիներու յաճախական, ոչ-չափաւոր գործածութեան հետեւանքով, կը բնութագրուի ատոնց նկատմամբ դրսեւորուող հակումներով, եւ կը յանգի հոգեկան ու մարմնական խաթարումներու եւ խախտումներու: 1849 թ., ալգոլամոլութեան մասին առաջին անգամ անդրադարձած է շուէտացի գիտնական բժիշկ Մ. Հուսսը: Հին ու նոր այսպիսի գինեզեղուն պատումներ, էջ 25-54: Ներկայացուող պատումները կը կարդացուին հետաքրքրութեամբ, կ’արժէ կանգ առնել հայ ժողովուրդի պատմողական արուեստի` թամադայական խօսքի մասին, անզու-

186


գական թամադա` Միքայէլ Խանոյեանի գնահատումով. Իսկական թամադան` քայլող հանրագիտարան է, եւ իր իմացութեամբ համեմում է իր բաժակաճառը` տեղին ասելիքով: Եթէ հարկաւոր է այս կամ այն արտայայտութիւնը, միտքը կամ գաղափարը յարմարցնել որոշակի նպատակի, նա իրեն իրաւունք է վերապահում այդ էլ անել` մարդկանց լաւ տրամադրութիւն, պահի գեղեցկութեանն ի շահ եւ բարի վայելումի համար: Ասոր կարելի է կցել` էջ 84-92, Եւ թամադան ասաց, իմաստախօսութիւններու պսականին: Հպանցիկ տեղեկութիւններ զանազան ալկոհոլային խմիչների մասին, որ առաւել գործածական են արդի աշխարհում, էջ 55-61: Շատ հպանցիկ եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը տրուին, արդի աշխարհին մէջ գործածական` Մատէյրա, Լիքէօր, Խերէս, Օղի, Ուիսքի, Ճին, Գոնեագ, Փորուէյն, Ռոմ, Շամփանեը, Սիտր ոգելից ըմպելիներուն մասին: Խաղողի եւ Գինու Միջազգային Կազմակերպութիւն, էջ 60-61: 1874 թ., Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է խաղողագործութեան առաջին համագումարը: 1924 թ. կը կազմակերպուի Խաղողի եւ Գինիի Միջազգային Կազմակերպութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակներն են` խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան բնագաւառին մէջ` համաշխարհային փորձի կուտակում, փորձի փոխանակում, միահամուռ պայքար խաղողի վնասատուների դէմ, եւ այլն: Գինեզեղուն չափածոյ. Քաղուածքների Ընտրանի. էջ 62-83: Անակրէոն, Յ. Թումանեան, Ե. Չարենց, Դ. Վարուժան, Մ. Մեծարեց, Սարմեն, Գ. Սարեան, Պ. Սեւակ, Հ. Յովհաննիսեան, Վ. Դաւթեան, Շէյքսփիր, Ա. Փուշքին, Կ. Ափոլինէր, Շ. Պոտլէր, Ռուդաքի, Բաբա Թահէր Օրիանի, Խաքանի, Հաֆէզ, Ճելալէտտին, Ռումի, Ազարիա Ջուղայեցի, Գալուստ Ամասիացի, կը կազմեն գինին մեծարող չափածոյին պսականին: Այստեղ կարելի է ներկայացնել նաեւ էջ 111-119-ի Խայամական Գինեբանեայ բաժինն ալ: Հեղինակը` Միքայէլ Մարգարեան, խայեամական գինեմեծար քառեակներէն` հայերէն կերպաւորուած յիսուն քառեակ ընտրած է, որ բարեհնչիւնութեան շահերէն թելադրուած, ոչ թէ բնագրին անաղարտ նոյնականն է, այլ անոր իմաստային համարժէքը` նորովի ոճաւորուած: Ներկայացուող խայեամական քառեակները պէտք է ընկալել` ոչ իբրեւ թարգմանութիւն, որքան` փոխադրութիւն: Ինչ ուտեստների հետ եւ ինչպէս ներդաշնակել ոգելից ըմպելիների ճաշակումը, էջ 93-96: Մարդկութիւնը` գինիին մէջ տեսած է ոյժ, առոյգարարութիւն եւ խնդութիւն.

187


գինին` բարձրակարգ եւ հարուստ սննդամթերք է: Գինին կը յանձնարարուի վայելել` դանդաղօրէն, անշտապ, ոչ մեծ ումպերով` անոր զգայաբանական արժանիքները ըմբոշխնելու եւ անով ալ հիանալու համար: Այս կերպով պէտք է վարուիլ յատկապէս աղանդերային եւ լիքէօրային գինիներ ճաշակելու ժամանակ. եւ ճաշակել` միայն թափանցիկ սկահակով, գոյնին երանգը եւ փայլը նշմարելով: Խորոված եւ իւղոտ մսեղէն կերակուրներուն հետ յարմար են` սպիտակ կամ կարմիր, սակաւաթունդ, շաքարազուրկ գինիները: Սպիտակ` սակաւաթունդ, շաքարազուրկ գինիները յարմար են ձկնեղէն կերակրատեսակներուն, նաեւ` պանիրներու հետ: Մարսալան` արգանակային ճաշատեսակներու հետ: Կարմիր` սակաւաթունդ, շաքարազուրկ գինիները` մսեղէն երկրորդ ճաշատեսակներու հետ: Կիսաքաղցր գինիները կանոնակարգուած են որսեղէն ճաշատեսակներու, տապկած թռչնամիսի եւ պաղ խորտիկներու հետ լաւագոյն ներդաշնակուող ըմպելի: Մուսքաթ գինին` քաղցրաւենիներու եւ անուշոյքի հետ յաջողակի կը զուգորդուի, իսկ սակաւաթունդ` շաքարազուրկ շամփայն գինիները եւ անոնց քաղցր կամ կիսաքաղցր տարբերակները երաշխաւորուած են իբրեւ լաւագոյն ու սազական` պաղպաղակի, խմորեղէններու եւ միրգերու հետ: Խերէս եւ Մատերա թունդ գինիները` լաւագոյն կը ներդաշնակուին ճարպոտ արգանակային ապուրներուն, տաւարենի եւ խոզենի մսեղէնով պատրաստուած ուտելիքին: Մինչեւ ճաշկերոյթի սեղանին պատրաստ ըլլալը, ախորժաբերութեան համար` կարելի է մէկ-երկու ումպ Փոթուէյն կամ Մատերա ճաշակել: Խնճոյքի կամ ճաշկերոյթի ընթացքին, եթէ նախատեսուած է տարբեր տեսակի գինիներ հրամցնել սեղանակիցներուն, սահմանակարգուած է` որ գինեխումը սկսին սակաւ թնդութիւն պարունակող գինիներով, սակաւ առ սակաւ ըմպեն աւելի թունդ գինիները, ամրապնդուելով` ուտելիքով: Ինչ կը վերաբերի քաղցրութեան պարունակութեան, նախ կը խմեն շաքարազուրկ գինիներ, հետզհետէ` քաղցր գինիները1: Ճաշին կամ ընթրիքին, եթէ մէկ ճաշատեսակ պիտի մատուցուի` ընտանի թռչնամիս կամ տապկած խոզի միս, ապա ատոր հետ վայելչական է կարմիր սակաւաթունդ շաքարազուրկ գինին: Սուրճի կամ թէյի հետ` երբ կը մատուցուին քաղցրաւենիներ, զանազան խմորեղէն թխուածքներ, պտուղներ, ապա այդ բոլորին հետ յարիր է` լիքէօրներու, աղանդերային գինիներու, գոնեագներու կամ շամփայն գինիի վայելումը: Էջ 97-98, Արտաշատի Գինու Գործարանը: Իբրեւ արդիւնաբերական գինեգործութեան մայր օճախ, գործարկուած է 1905 թ., եւ ատկէ ի վեր դարձած հանրա-

188


պետութեան առաջատարներէն մէկը, անցնելով պատուաբեր ճանապարհ, մարդոց հրամցնելով գովարժան ըմպելիներ: Միջազգային համտես-ստուգատեսներուն` յատկապէս Այգեշատ բարձրակարգ գինին պարգեւատրուած է վեց ոսկեայ եւ հինգ արծաթեայ մրցանակային մետալներով, իսկ Գետաշէն աղանդերային գինին` երեք ոսկեայ եւ երկու արծաթեայ մրցապարգեւներով: Էջ 193-206, Տեղեկութիւններ Վեդիի Գինու Գործարան Բաժնետիրական Ընկերութեան Գինեգործական արտադրատեսականու վերաբերեալ: Էջ 166-176, ժողովրդական բժշկութեան դեղատոմսեր` գինու, սպիրտի օղու, կաղնեփայտի կոնեակի եւ գինեքացախի կիրառութեամբ: Էջ 176-188, Ընդդէմ հարբածութեան, հարբեցողութեան եւ քրոնիկական գինեմոլութեան: Էջ 189-191, Խաղողի եւ ոգելից ըմպելիների վերաբերեալ տեղեկութիւնների հատընտիր Գիննեսի ռեկորդների գրքում: Եզրակացնելու համար, կարելի է ըսել` թէ քաղաքակրթութեան դարաւոր ձեռքբերումին արդիւնքը կը հանդիսանան` Այգեշատ, Անահիտ, Աշտարակ, Անուշ, Աստղիկ, Արաքս, Արենի, Արտենի, Արեւաբոյր, Արեւիկ, Բերդ, Բիւրական, Գայեանէ, Գառնի, Գետաշէն, Գետափ, Զուարթնոց, Էջմիածին, Կագոր, Կարմրահիւթ, Հատիսի, Հոկտեմբերեան, Մադերա, Մեղրաբոյր, Մեղրաձոր, Մուսալեռ, Մուսկատ, Շամպայն Արարատեան, Ուրարտու, Պորվեյն Երեւանեան, ՎեդիՍպումանտէ, Տիգրանի սակաւաթունդ, թունդ եւ թնդեցուած, դիւրըմպելի եւ նրբազդու, աղանդերային, լիքէօրային, քաղցր եւ կիսաքաղցր հայկական գինիները2:

Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 21 Հոկտեմբեր 1999, թիւ 1413

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Մեր նախնեաց մօտ, գինարբուքի սովորութեան մասին` կը յանձնարարուի կարդալ. Ճաշեր եւ խնճոյք հին Հայաստանի մէջ, գրեց Հ. Վարդան Վ. Հացունի. Վենետիկ-Ս. Ղազար, ՌՅԿԲ-1912, էջ 195-197: 2. Ամէնուն տարեցոյցըի հետաքրքիր ընթերցողներուն ծանօթացնելու նպատակով, բուսաբանական, մշակական, պատմական, գինեգործական տեղեկութիւններով, մասնագիտական բառերու սահմանումներով, որթաբերքին վրայ հիւսուած` հին եւ նոր ներբողեաններով շահեկան ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած է Թէոդիկ: Անխոնջ հետազօտողը` այդ աշխատութեան ձեռնարկած է 1922 թ. Յունուարին, Սկիւտար` Պաղլար Պաշիի մօտ, Վանքին Պաղը, եւ աւարտին հասցուցած է 1925 թ., Գորֆուի այգեւէտ Կասթուրի գիւղը: Տես` «Որթն ու իր բերքը. Այգեբանական եւ մատենագրական ուսումնասիրութիւն Թէոդիկէ», Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, 1926, 20-րդ տարի, Վենետիկ, Ս. Ղազար, Տպ. Մխիթարեան, էջ 24-170:

189


ՆՈՐԱՆՈՒՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Սակաւաթիւ օրերու հայրենիք այցելութենէն վերադարձին, բարեկամս` որպէս արմաղան, երեւանեան թարմ հրատարակութիւններու դէզ մը յանձնեց ինծի, բոլորն ալ` խիստ շահեկան աշխատութիւններ, որոնցմէ` առաջին հերթին ընթերցողին նկատառութեան կ’ուզեմ յանձնել Հայաստանի Ազգային Գրադարանի փոխ տնօրէն` մատենագէտ Ներսէս Հայրապետեանի բծախնդրօրէն պատրաստած ժամանակակից մամուլի տասը տարուան համապատկերը: Փոքրածաւալ այս հատորը` 20x14 սմ., լոյս տեսած Գիրք Հրատարակչութեան կողմէ, Երեւան` 1999-ին, 330 էջերու մէջ կը պարփակէ 1987-1996 տարիներու նորանուն պարբերական մամուլի մատենագիտութիւնը` բոլորովին նոր հայեացքով: Որպէս «Մուտք»` կը ներկայացուի 1987-1996 թթ. ժամանակակից Հայ Մամուլը (էջ 7-14), նոյնը` անգլերէն լեզուով (էջ 15-21), սակայն` աւելի ամբողջական եւ կուռ ոճով: Ուսումնասիրողը, նորագոյն շրջանի հայ մամուլի պատմութեան սկիզբը` իրաւամբ կը համարէ 1988 թուականը, երբ` ազատ, ժողովրդավարական մամուլին սկիզբը պայմանաւորուած էր «վերակառուցման» քաղաքականութեամբ, թէեւ` առաջին անկախ պարբերականը, Ազգային Ինքնորոշում Միաւորումի Անկախութիւն թերթը լոյս տեսած է 1987 Հոկտեմբեր 24-էն սկսեալ, սակայն անիկա ազատ մամուլի առաջնեկը նկատուի միայն: Ինքնահրատ մամուլը սկսած է 1988 թ. Փետրուարին` «Ղարաբաղեան» անունը կրող շարժումով, երբ հայաստանեան մամուլին դիմագիծը եւ էութիւնը ամբողջութեամբ ու արմատապէս փոփոխութիւն կրեց. ուրեմն, նոր մամուլ պատկերացումը` կը վերաբերի բոլոր պարբերականներուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնէն մինչեւ Գոլոս Արմենիի: Մամուլի պատմութեան նորագոյն շրջանը բաժնուած է երեք փուլի. ա. 1987-1989 թթ., Ինքնահրատ շրջան: բ. 1990-1991 թթ., Անցումային շրջան: գ. 1992-էն մինչեւ այսօր, Ձեւաւորման շրջան: Պէտք է բացատրել ինքնահրատ եզրը` որ ռուսերէն samizdat-ին թարգմանութիւնն է, առաջին անգամ գործածուած Նիքոլայ Կլազքովին կողմէ` 1952 թ.: Ուսումնասիրողին խոստովանութեամբ, ինքնահրատ հասկացութեան ճշգրիտ

190


սահմանում տալը` դժուար է: Ինքնահրատ պարբերականներու մեծ մասը մեքենագրուած եւ բազմացուած է պատճէնահանումի եղանակով, առանց տպարանային ձեւաւորումի եւ պատկերազարդումի. ինքնահրատ մամուլը` տարածումի շրջանակ եւ հասարակական միտքի վրայ ազդելու հնարաւորութիւն գրեթէ չէ ունեցած: Պարբերականին ինքնահրատ ըլլալը` տպագրութեան կամ բազմացումի եղանակով չի պայմանաւորուիր. ինքնահրատ մամուլը` իշխանութիւններուն, մամուլի նկատմամբ վարած քաղաքականութեան հակազդեցութեան դրսեւորումն է, կամ` անկախ լրագրողի կեցուածք եւ հոգեբանութիւն: Ինքնահրատ մամուլի շրջանը աւարտած է, երբ 1989 Նոյեմբեր 2-ին, Հայոց Համազգային Շարժումի առաջին համագումարին առիթով լոյս տեսած է Հայք թերթին առաջին համարը` որ, 1990-ի Յունուարէն սկսեալ, սկսած է տպագրուիլ կանոնաւոր պարբերականութեամբ եւ մեծ տպաքանակով: Հին եւ նոր մամուլին մրցակցութիւնը` 1990 թ., թեւակոխած է նոր փուլ, զոր ուսումնասիրողը կոչած է անցումային շրջան: Ըստ բնոյթի, անցումային փուլն ալ երկճիւղուած է արմատական եւ վերանորոգչական ուղղութիւններու: Հայ պարբերական մամուլի զարթօնքը` միայն Հայաստանի մէջ չէ եղած, այլ` նախկին Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին: 1989 թ. սկսեալ, երկլեզու` հայերէն-ռուսերէն, կամ այլալեզու պարբերականներ երեւան եկած են` Ռիկայի, Մոսկուայի, Սիմֆերոպոլի, Թալլինի, Թբիլիսիի, Քիեւի, Ռոսթովի, Քրասնոտարի, Նովոռոսիյսկիի մէջ եւ այլ վայրեր: Պարբերական մամուլը վերածնունդ կ’ապրի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ. այնտեղ կը գտնենք հասարակական-քաղաքական, գիտական, գրական-

191


գեղարուեստական, հոգեւոր, երգիծական, կրթական, ռազմական 16 նոր պարբերականներ: Նոր մամուլի կառուցուածքային եւ բովանդակային ձեւաւորումի շրջանը կը սկսի 1992 թ., երբ 1991 Սեպտեմբեր 21-ին` կը հռչակուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը. ապա Հոկտեմբերի 8-ին կը հրապարակուի ՀՀ Գերագոյն Խորհուրդի «Մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան միւս միջոցներու մասին» օրէնքը` որով կը ձեւաւորուին մամուլի գործունէութեան կարգաւորումի իրաւական շրջանակները: 1991-էն սկսեալ, Հայաստանի մէջ ազատ կը գործեն հայ աւանդական կուսակցութիւնները` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Հայաստանի Ռամկավար-Ազատական Կուսակցութիւն, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն. երեքն ալ կ’ունենան իրենց տպագիր պաշտօնաթերթերը: Ձեւաւորումի շրջանին` համակարգիչները մուտք գործեցին լրագրական ասպարէզ, որ դարձաւ հրատարակչական ձեւաւորումի հիմնական եղանակը: Մատենագիտութեան կազմութեան հանգամանքները եւ սկզբունքները (էջ 22-26), նոյնը` անգլերէն (էջ 27-30): Ներկայացուած է 583 պարբերական հրատարակութիւն: Մատենագիտութեան դասաւորումի առաջին սկզբունքը` ժամանակագրականն է, ըստ տարիներու. երկրորդը` ամէն տարեթիւէ ներս, այբբենականը, նախ` հայերէն, ապա` ռուսերէն եւ անգլերէն պարբերականները: Մատենագիտութիւնը կը սկսի հայաստանեան մամուլով. ապա` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուրքաինայի, Ուզպէքիստանի ու Պալթեան երկիրներու հայերէն կամ հայկական պարբերականները: Մատենագէտը` հայկական չէ համարած եւ ցանկին մէջ չէ ընդգրկած օտարերկրեայ դեսպանատուներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ հրատարակուող պարբերականները: Նոյնպէս չեն գրանցուած ծառայողական օգտագործումի նպատակով` տարբեր գերատեսչութիւններու կողմէ հրատարակուած տեղեկագիրները: Մատենագիտական գրանցումները կու տան հետեւեալ տեղեկութիւնները. պարբերականին խորագիրը, ենթախորագրային տուեալները, հիմնադիր-հրատարակիչը, խմբագիրը, վայրը, հրատարակութեան ժամանակագրական սկիզբը (տարի, ամսաթիւ), վերջը (եթէ յայտնի է), էջաքանակը, պարբերականութիւնը, չափը, տպաքանակը, տպարանը: Ինքնուրոյն համարակալումով լոյս տեսած յաւելուածները` նկարագրուած են առանձին, մայր պարբերականին եւ յաւելուածին միջեւ խաչաձեւ յղումներ ընելով: Պարբերական մամուլ համարելով` պայմանականօրէն, մատենագիտութեան մէջ ընդգրկուած են նաեւ միօրեայ կամ մէկ անգամ տպագրուած պարբերա-

192


կանները: Մատենագիտութեան գործածութիւնը դիւրացնելու եւ ընդգրկունութիւն ապահովելու համար` լրացուած են յաւելուածներով եւ ցանկերով. Համառօտագրութիւններու ցանկ, էջ 31-33: Անգլերէն` էջ 34-35: Հայկական նորանուն Մամուլը. Հայաստանի Հանրապետութիւն, 1987-1996. էջ 37-221: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, 1989-1996. էջ 223-227: Հայկական Մամուլը Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան եւ Պալթեան երկիրներու մէջ, 1989-1996. էջ 229-245: Անստոյգ կամ մատենագիտական տուեալները չճշտուած պարբերականներ. էջ 247-252: Յաւելուածներ եւ ցանկեր. Յաւելուած 1, Մատենագիտութեան մէջ չգրանցըւած ոչ նորանուն պարբերական հրատարակութիւններ. էջ 254-255: Անգլերէնով` էջ 256-257: Յաւելուած 2, Անուանափոխուած լրագրեր եւ հանդէսներ. էջ 258-260: Անգլերէնով` էջ 260-262: Վերնագրերու ցանկ. էջ 263-272: Անգլերէնով` էջ 272-282: Անուանացանկ. էջ 283-294: Անգլերէնով` էջ 295-304: Հրատարակիչ եւ հովանաւոր կազմակերպութիւններու ցանկ. էջ 305-314: Անգլերէնով` էջ 315-323: Մայր պարբերականներու եւ յաւելուածներու ցանկ. էջ 324-325: Անգլերէնով` էջ 325-326: Տպագրութեան վայրերու եւ յիշատակուած աշխարհագրական անուններու ցանկ. էջ 327-328: Անգլերէնով` 328-330: Գոնէ տարտամ գաղափար կազմելու համար նոր պարբերականներու անուններուն մասին, այստեղ ջոկովի կը ներկայացնեմ փունջ մը` պահպանելով ուղղագրութիւնը: 02. 3x3-ի զրուցարան. 7 Օր. 9-րդ հրաշալիք. 14-րդ հարկ. 15 օր. 20x20. ...21.... 1000 գումարած 1: Ալո. Աղ եւ լույս. Այո. Այո էքսպրես. Այսօր 32. Ապոլոն. Աջ. Առավոտ լուսո. Առերեսում. Ասպար. Ասպանջակ. Աստծո փրկություն. Աստղային սուրհանդակ. Ար. Արայի. Արմենա: Բանախոս. Բանման (Պպզեյշն, Կկզեյշն, Հաբռգեյշն). Բարեւ. Բեկոր. Բժշկություն ձեզ համար. Բիզնես պրես. Բնօրրան. Բոտան. Բռավո. Բումերանգ. Գարդմանք. Գինդ. Գոյ. Գումարած դու. Գոմինո. Եղինջ. Եմ, ես, է. Ես. Եվ այլն. Երիցուկ. Երկուշաբթի գումարած. Զանգի զրանգի. Զարկան. Զարկերակ. Զբազվածություն. Զինավոր. Զվարճալիք. Զրուցակից. ԷԻՍ էքսպրես. Էլեկտրոնիկա + Բիզնես. Էրոս. Թուղթ ու գիր: Ժամանց եւ գործ. Ժպիտ. Իլիկ. Իմպուլս. Ի՞նչ, որտե՞ղ, ե՞րբ. Իրան նամէ.

193


Լիալուսին. Լոռէ. Խալդ. Խորան. Ծիծաղի սենեակ. Կարինե. Կենաց. Կես կատակ կես լուրջ. Կիկոս. Կին եւ տղամարդ. Հայաստ. Հայորդի. Հանդիպում. Հավատամք. Հեւք. Հերմես. Հիշողություն. Հոգին. Հորոսկոպ բախտացույց. Հուսո շաբաթ: Ճախարակ. Ճեպընթաց. Մարգեթինկ բոլորի համար. Մաքսիմում. Մենք ենք մեր սարերը. Մի խոսքով. Մի պահ. Միրհավ. Մոնթե. Մոսի. Մունետիկ. Նաեւ հացիվ. Նար. Նարեկ. Նե. Նժար. Նժդեհ. Նժդեհյան սերունդ. Նոյ. Նստացույց. Ուշադրություն ուշադրություն. Շաբաթ. Շաղեր. Շիրակուհի. Շունն ու կատուն. Շրջան: Չամչուկ. Չորրորդ իշխանություն. Չօ x Չօ. ՊԱՍ. Պըլը պուղի. Պոլոզ մուկուչ. Պուլիկ. Պույ պույ. Ռոք. Սելենա. Սենսացիա. Ս-Էքսպրես. Սլացք. Սրինգ. Սրտակից. Վարկած. Վարուժան. Վիդեո նորություններ. Տարորինակ թերթ. Տեսադաշտ. Տեսակետ. Տիգրան Մեծ. Տուրք. Ցեղակրոն. Ցեմենտ. Փետրուար. Փրկություն. Քիմիական լուսավորչություն. Քո թերթը. Քրիստոնյա. Օլիմպիկոս. Օջախ. Օրենք, օրենսգիրք, օրինագիծ. Օրեր. Ֆուտբոլ. Ֆօնֆօն: Թէեւ երկարեցաւ թուարկումը` սակայն, այլապէս կարելի պիտի չըլլար պէսպիսունութիւնը հաստատել...: Կարելի է յուսալ` որ հատորը կազմող Ներսէս Հայրապետեան կը շարունակէ իր օգտաշատ աշխատանքը, եւ յաջորդական մատենագիտական հատորներով` իրազեկ կը պահէ պարբերական մամուլով հետաքրքրուող շրջանակը: Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 6 Յունուար 2000, թիւ 1417

194


ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՍՊԱՆԴԸ 28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1919

Ձեռքի տակ ունիմ Studia Orientalia Christiana. Collectanea-ի (1999) 32-րդ հատորին` 277-348 էջերուն առանձնատիպը. ‘Un incident à Alep contre les arméniens’, par Vincent Mistrih: Արդէն արաբական եւ հայկական աղբիւրներով բաւական ծանօթ պատահարի մը մասին է ներկայ հրատարակութիւնը, հիմ ունենալով` մարտինցի Իպրահիմ Գասպոյի1 անտիպ աշխատասիրութեան ձեռագիրը եւ անոր տարբերակը: 1919 թ. Փետրուարի 28-ին, Հալէպի մէջ` հայերու դէմ տեղի ունեցած պատահարին պատմութիւնը նկարագրող Իպրահիմ Գասպոյին որպէս լրացուցիչ աղբիւրներ, նկատի առնուած են` Գուժկան Սեբաստիոյ ականատեսի վկայութիւնը, եւ անուանի պատմաբան Մուհամմատ Քիւրտ ’Ալիի` ականատեսէ մը քաղուած վկայութիւնը. «Նախաբան», էջ 279: Աշխատասիրութիւնը իր բոլոր մասերով աւելի շահեկան դարձնելու միտումով, օգտագործուած են արաբական նորանուն հրատարակութիւններ, Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան պատկանող դիւաններու տպագրութիւններ, ինչպէս նաեւ հայկական աղբիւրներ` հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով. «Մատենագիտութիւն», էջ 280-282: Հատորին մէջ ներկայացուող պատահարներուն պատմական խորքին իրազեկ դառնալու համար, անհրաժեշտ է նկատի ունենալ «Ներածական նոթեր»-ը` որոնք շահեկանութեամբ կը պարփակեն «Ընդհանրութիւններ», էջ 283-284, «Հայկական Լեգէոնը»` էջ 284, «Գաղթականներու հայրենադարձութիւնը Կիլիկիա»` էջ 284-285, եւ «Հալէպ»` էջ 285-286, հատուածները: Առաջին Վաւերագիրը քաղուած է Գուժկան Սեբաստիոյ Եղեռնապատում հատորէն` «Հալէպի ջարդը կ’երկնուի», որուն ֆրանսերէն թարգմանութիւնը կը գրաւէ 287-291 էջերը2: Ժամանակագիրը` Գուժկան Սեբաստիոյ, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած այս անակնկալ պատահարին մասին` այսպէս կը խորհրդածէ. Համիտեան շրջանի հայկական կոտորածներէն` Հալէպը նախընթաց չէր ունեցած: Բացորոշ էր թէ Իթթիհատականներ եկան կազմակերպեցին-պատրաստեցին այս կոտորածը, իրենց օժանդակ ունենալով արաբ կառավարութեան ծառայութեան մէջ գտնուող նախկին պաշտօնեաներ, ոստիկաններ:

195


Իսկ բուն ժամանակագրութեան հատուածը` ահա. 1919 փետրուար 28 ուրբաթ առտու կանուխէն կոտորածը կը սկսի Ճումա-Պազարիէն, հոն գտնուող հայերէն ոչ ոք կ’ազատի վայրենի խուժանին ձեռքէն: Հայաբնակ թաղերու, տուներու վրայ կը տարածուի խուժանային յարձակումը, փօլիսներ, ժանտարմաներ, պէլէտիյէի չավուշներ են որ կը ղեկավարեն, կ’աջակցին խուժանին, իրենք իսկ կոտորածներուն մասնակցելով: Գաղթականներու կեդրոնավայր ղըշլային-քէմբին վրայ ալ բուռն յարձակում կ’ըլլայ. պահնորդ անգղիական զինուորներ կը յաջողին վանել. Գուպպէ-Խանին վրայ ալ յարձակում եղաւ. պահնորդը աչալուրջ գտնուեցաւ դուռը կրնալ փակելու: Բերդին վրայէ սկսան գնդակներ տեղալ, բարեբաղդաբար կորուստ չեղաւ: Մինչեւ Անգղիական իշխանութիւնը լսել, զինուորները շարժման մէջ դնելը 3-4 ժամ անցաւ: Շուտով զսպուեցաւ խուժանը, հանդարտութիւնը տիրեց. հրապարակէն դիակները ժողվեցին եկեղեցի տարին, վիրաւորները հիւանդանոցները. դիակները լուսանկարուեցան. 65-70-ի չափ սպանեալներ եւ 90 քանի վիրաւոր եղեր էր: Աառջնորդարանը հայերու այս կորուստները եւ նիւթական վնասները սկսաւ ցուցակագրել. Անգղիական իշխանութիւնը ջարդարարները եւ անոնց գլխաւորները ձերբակալեց բանտարկեց: Հետզհետէ ասոնց քննութիւնները, դատավարութիւնները կատարւեցան, բաւական թուով մը կախաղանով պատժուեցան, մաս մըն ալ տաժանակիր բանտարկութեան դատապարտուեցան. մօտ 35 հազար ոսկիի վնասուց հատուցում եղաւ հայերու: Հալէպն ալ հայ արիւնի իր պասուքը յագեցուց3: Պատմական իրողութիւններու հարազատ արձանագրութենէն անջատ, ինչ որ ինծի զարմանք կը պատճառէ` այսօրուան գնահատումով, այդ շրջանի Հալէպի ընկերային կեանքին ճշգրիտ ներկայացումն է, որմէ երկու հատուած` կ’ուզեմ ընթերցողներուս ուշադրութեան յանձնել.

Հայերս շուտ խանդավառուող ենք. շուքի ետեւէ կ’երթանք, կարծես աշխարհքը մեզի տուեր էին. Միացեալ Հայաստանի մը ցնորքովը գինովցած էինք. միութիւններ, ընկերակցութիւններ, շաբաթ չըլլար որ հանդէսներ, ներկայացումներ, պարահանդէսներ, երեկոյթներ չտային: Կոկիկ ու մաքուր հագուիլ մարդկայնօրէն պարտ ու պատշաճ է, մանաւանդ որ հայերս գձուձ կեանք մը չենք քեշներ. բայց թէ հայ գաղթականներու մէջ տեսակ մը ձգտում երեւան եկած էր պատշաճութեան սահմանէն դուրս շիք ու կոկոզավիզ երեւնալու. իսկ իգական սեռը մօտային քար կը հանէր4:

Երկրորդ Վաւերագիրը` էջ 292-298, ֆրանսերէն թարգմանութիւնն է Դամասկոսի Արաբական Գիտական Ընկերակցութեան նախագահ Մուհամմատ Քիւրտ ’Ալիի` պատմական գլխաւոր երկերէն` Քիթապ խթաթ ալ-Շամ 3-րդ հատորին «Հայերուն ապստամբութիւնը եւ անոնց յարձակումը արաբներուն դէմ» հատւածներուն, որոնց մէկ մասն ալ` ականատեսի գրաւոր վկայութիւնն է հեղինա-

196


կին բարեկամ Ամին Ղուրայյիպի: Ըլլայ ականաւոր քիւրտ պատմաբանը թէ իր վստահելի տեղեկատուն` առանց վերապահութեան մատնանիշ ըրած են նորեկ հայ գաղթականներուն բացասական վերաբերմունքը արաբ հիւրընկալ ժողովուրդին հանդէպ: Յուշագիր Ամին Ղուրայյիպի համաձայն, Ուրբաթ 28 Փետրուար 1919-ին, շուկայի օր էր. Սուք էլ-կոմա’այի եւ շրջակայքին մէջ կը գտնուէին բազմաթիւ հայեր, որոնք յարձակում կրեցին, եւ հազիւ ժամուան մը ընթացքին` արդէն սպանուած զոհերուն թիւը յիսուներկուքի բարձրացած էր, իսկ վիրաւորեալներուն` աւելի քան հարիւր: Սպանուածները եւ վիրաւորեալները զոհ գացած էին դանակի, դաշոյնի եւ տապարի հարուածներու, բայց ոչ կրակող զէնքի: Այս պատահարին մասնակիցներուն դէմ` իննիսուներկու դատավարութիւն տեղի ունեցաւ, եւ ամբաստանեալներէն երեսունը` ժամանակի ընթացքին, մահուան դատապարտուեցան: Երրորդ Վաւերագիր. էջ 297-298, «Իպրահիմ Գասպոյին պատմածը, եւ պատասխանը` Մուհամմատ Քիւրտ ’Ալիին»: Իր յուշագրութեան մէջ` Իպրահիմ Գասպոյ երկիցս անդրադարձած է Հալէպի միջադէպին մասին. նախ` պատահարներու պատումի մը մէջ, ապա` Մուհամմատ Քիւրտ ’Ալիին տրուած պատասխանին մէջ: Ներկայ հրատարակութեան մէջ, Իպրահիմ Գասպոյի պատումը ամէնէն ամբողջականն է. իսկ Քիւրտ ’Ալիի տրուած պատասխանը` կը ներկայացնէ գաղափարներու կրկնութիւններ, ինչ որ նախապէս արդէն արտայայտած էր պատումին մէջ: Որպէս ուղղակի ականատես` հեղինակը կը ներկայացնէ դէպքերուն ժամանակագրութիւնը, գաղթականներուն կրած տառապանքները եւ անոնց հայրենադարձութիւնը, հայ լեգէոնականները, կը մատնանշէ այլ հեղինակներու մօտ զանց եղած նիւթերը եւ կը յիշատակէ թուրք պատմաբան Օսման Նուրիի վկայութիւնները, արաբներու զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հայերուն կատարած թարգմանչական դերը: Պատահարին պատճառ կը նկատէ կրօնական մոլեռանդութիւնը եւ իշխանութիւններուն բացակայ ըլլալը. կը շեշտէ սահմանագլխային թերացումները` Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ միջեւ: Կ’արդարացնէ լեգէոնականներուն վերագրուող ամբաստանութիւնները` որպէս բնական հակազդեցութիւն հայ ժողովուրդին եղած անարդարութիւններուն եւ կրած տառապանքներուն: Կարեւորութեամբ կը ներկայացնէ` քրիստոնեայ բնակիչներով Հալէպի թաղամասերն ու նեղ փողոցները, ինչպէս նաեւ այդ քաղաքին յատուկ որոշ բարքեր: Պատմաբան Քիւրտ ’Ալիին տրուած պատասխանը` ամբողջական ներկայացումն է միջադէպին, յուզումնախռով, գրուած մէկու մը կողմէ` որ ենթարկուած է տեղահանութեան եւ ականատես եղած է գործադրուած սպանդին: Ներկայ հրատարակութեան համար, պատումին երկու խմբագրութիւններէն`

197


նկատի առնուած է, երկրորդ` բարեփոխուած տարբերակը, ստորեւ ներկայացնելով ուղղագրական վրիպումները եւ այլ ընթերցումները: Բնագիր, էջ 299-305, 305-306, 307-316. Հալէպի հայերուն սպանդը ΐϠΤΑ ϦϣέϷ΍ ΔΤΑάϣ, Նախաբան` որ ձեռամբ արձանագրեցի, էջ 86, Հալէպի հայերուն սպանդին մասին ΐϠΤΑ ϦϣέϷ΍ ΔΤΑάϣ ϝϮΣ ́˿ ι ϲτΨΑ ΎϬΘϠΠγ ΔϣΪϘϣ, Հալէպի հայերուն սպանդին մասին. գրեց` Իպրահիմ Գասպոյ ϦϣέϷ΍ ΔΤΑάϣ ϝϮΣ ϮΒδϛ Ϣϴϫ΍ήΑ· ΎϬΒΘϜϳ ΐϠΤΑ഻

Այս երեք բնագիրներուն կը յաջորդեն համապատասխան ֆրանսերէն թարգմանութիւնները` էջ 317-323, 323-324, 325-334: Պատմագիտական այլալեզու աղբիւրներէ քաղուած անհրաժեշտ ծանօթագրութիւններով կ’ամբողջանայ թարգմանական այս բաժինը: Հակառակ թրքագէտ կրօնաւորի մը կողմէ կատարուած վերծանումին, այստեղ, բնագիր` էջ 299, եւ թարգմանութեան տառադարձութիւն` էջ 317 եւ 329, թրքական հանրածանօթ ասացուածքը` ϱΫϮϳ ϚΑήϋ Ϫϧ ˬϯήϜη ϚϣΎη ϚϤηΎϧ ներկայաց ւած է աղաւաղուած ձեւով. մեր թրքագէտ բարեկամին օգնութեամբ, ճիշտ ընթերցումը պէտք է ըլլայ` ϱίϮϳ ϦΑήϋ Ϫϧ ˬϯήϜη ϦϤηΎϧʟ Հալէպի փռապաններուն գրեթէ մեծամասնութիւնը սասունցիներ ըլլալուն, տեղացի բնակիչներուն կողմէ հայերը նկատուած են որպէս Sawasna. էջ 318, ծանօթագրութիւն թ. 55, Սասուն քաղաքը` թիւրիմացութեամբ կը տեղադրուի Կիլիկեան Հայաստանի մէջ, մինչդեռ` Արեւմտեան Հայաստանի աւաններէն է: Ինչպէս Ի. Գասպոյի նախորդ յուշագրութեան մէջ, այստեղ ալ` էջ 320, ծանօթագրութիւն թ. 59, Սէֆէր Պիրլիքը` դարձեալ ներկայացուած է Առաջին Համաշխարհային Պատերազմ նշանակութեամբ. մինչդեռ` ժամանակակից հեղինակներու բացատրութեամբ, հետեւեալն է. ա. 1914 թ. Օգոստոսի սկիզբը, սուլթանական հրահանգով սկսած է Սէֆէր Պէրլիքը` զօրաշարժ, եւ ապա Ախզ վէ սէվգի ասքէրի` զօրահաւաք եւ առաքում5: բ. Սէֆէրը-Պէրլիկը` Ընդհանուր Զօրահանութիւնը, Զօրաշարժը6: Կարելի է միայն զարմանալ` որ նման բառայօդուածներ տեղ չեն գտած 1996 թ. Երեւան հրատարակուած, «Հայկական Հարց»-ի հապճեպով պատրաստուած Հանրագիտարանին մէջ: Պատմական գրքոյկներէ եւ մամուլէն քաղուած տեղեկութիւններէն անկախ, Իպրահիմ Գասպոյ այլապէս ալ` իրազեկ եւ ականատես է Սուրիոյ քաղաքներուն մէջ պատահածներուն, յատկապէս` Հալէպի մէջադէպին: Ան յաջողած է սրտցաւօրէն նկարագրել թրքական գեհենէն մազապուրծ ազատած հայ տարագիրներուն վիճակը, որովհետեւ ինքն ալ մասնակից եղած է այդ բոլորին. սակայն, աւելի հարազատօրէն նկարագրելու համար, կը խոստովանի համեստօրէն` թէ, պէտք է գրողի տաղանդ ունենալ` այս նախճիրներուն մասին ճիշտ բառեր գտնելով:

198


Որպէս պատմաբան` Իպրահիմ Գասպոյի կատարած պատմագրական համեստ աշխատանքը գիտականօրէն գնահատելու միտումով, այստեղ կ’ուզեմ յառաջ բերել պատմութեան ջատագովութեան եւ պատմագիրի ճարտարութեան մասին յայտնուած մեկնաբանութիւն մը` որուն համաձայն, պատմութիւնը կ’իրագործուի վաւերագրերով, անշուշտ եթէ կան. սակայն, կարելի է եւ նոյնիսկ պէտք է իրագործուի նաեւ` առանց գրաւոր արձանագրութիւններու ալ, եթէ անոնք գոյութիւն չունին: Ուրեմն պատմագիրին հնարամտութեամբ` բառերով..., որոնց օգնութեամբ կրնայ տեղեկութիւններու բաց թողած մասերը լրացնել7: Ինչ որ Իպրահիմ Գասպոյ լիովին յաջողած է իրագործել` առանց պատմագիտական խոր պատրաստութիւն ունենալու, միայն իր ողջմտութեան անսալով...: Սերունդներ սերունդներու յաջորդելով, պատմական ցաւառիթ դէպքի մը յիշատակը չէ չքացած հալէպցիներու յիշողութեան մէջ..., եւ նոր սերունդին ալ հաղորդակից դարձնելու միտումով, կը լուսաբանուի պատմական իրողութիւններով...: 1919 նոյեմբերին, սուրիական «Էշրաֆիէի աւագանիի ներկայացուցիչներ»-ուն առաջարկով, Նաճի Սուէյտիի նախագահութեամբ, ստեղծուեցաւ «Հայ-Արաբ բարեկամութեան Կոմիտէ»-ն, որ լաւագոյն իրագործումն էր, ժխտելու այն բոլոր տարաձայնութիւնները` որոնք կը միտէին խոչընդոտել հայ-սուրիական յարաբերութիւնները, մանաւանդ 1919 Փետրուար 28-ին Հալէպի մէջ հայերուն դէմ ի գործ դրուած կոտորածի պատասխանատուութիւնը ձգելով սուրիացի արաբներուն վրայ, մինչ կոտորածի ծրագրին գործադրութիւնը յանձնարարուած էր Ատանայի թրքական շրջանակներու Քեմալական ցուցմունքներով գործող` արաբ իթթիհատականներու (Նատի Ալ-Արապ) Ընկերութեան, նպատակ ունենալով` նախ կոտրել հայերուն Կիլիկիա վերադարձի շարժման թափը, ապա թշնամութիւն սերմանել հայ-արաբ յարաբերութիւններուն մէջ8: ***

Էջ 335-338, «Եզրակացութիւն». այլազան աղբիւրներու օգտագործումով` առաւելաբար նորագոյն կամ ցարդ անծանօթ մնացած, արեւելագէտ Հայր Մուսթարիհ կը կատարէ քանի մը նկատողութիւններ` որոնք ներկայացուած դէպքին հետ ընդհանուր աղերս կրնան ունենալ: 1. Անգլիական Հոգատարութեան սկիզբը` 1915 թ., անգլիացիները ինքնավարութիւն խոստացած են եգիպտացիներուն. սակայն, Զինադադարէն ետք, երբ անոնք յապաղած են իրենց խոստումը գործադրելու, եգիպտացիները` Սա’ատ Զաղլուլի գլխաւորութեամբ, պահանջած են անոր անյապաղ իրագործումը: 1919 Ապրիլ ամսուն, Ազհարի իւլեմաներու ղեկավարութեամբ յառաջ եկած խռովութիւնները կրօնական երանգ կը ստանան` բռնարարքներ կը գործուին

199


եկեղեցիներու դէմ, ղպտիներէն եւ յոյներէն ալ քանի մը զոհեր կ’արձանագրուին: Մինչ, հայերը կ’ամբաստանուին` կրակ բացած ըլլալ ցուցարարներուն դէմ: Ահ ու դողի մատնուած, հայերը` առաջին հերթին կ’ապաստանին Պէյն էլ Սուրէնի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին բակը, յետոյ` աւելի մեծ թիւով, Պուլագի Գալուստեան Ազգային Վարժարանի շէնքերուն մէջ, ապա` զանգուածը ամբողջ կը մէկտեղուի Հելիոպոլսոյ Ձիարշաւարանը9: 2. Իթթիհատականները բացայայտ կերպով թշնամական վերաբերում ցուցաբերած են ֆրանսական իշխանութիւններուն դէմ. Զինադադարէն ետք, յատկապէս մինչեւ 1919 թ. Սեպտեմբերը, Իթթիհատականները ազատօրէն տարածած են իրենց գաղափարները: Կիլիկիոյ կառավարիչ Նազիմ պէյ եւ իր օգնական Նեհատ փաշտ խրախուսած են իսլամական միաւորումներու կազմութիւնը, պայքարելու համար` թէ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան եւ թէ ֆրանսական մատակարութեան դէմ: 1919 Փետրուարին, Հալէպի պատահարին ժամանակ, Կիլիկիոյ աշխարհազօրայիններու պետ Հաշիմ պէյի եւ վերոյիշեալ Նազիմ պէյի սարքած ըմբոստութիւնը` ֆրանսացիներու դէմ ատենին կը յայտնաբերուի եւ կը չէզոքացուի: Շրջանին քաղաքական դրութիւնը կարելի եղած է ճշտել` հայկական եւ արաբական նորագոյն հետազօտութիւններու ընձեռած տեղեկութիւններով: 3. Հայ Լէգէոնականները` ընդհանրապէս անողոք եղած են թշնամի թուրքին եւ թուրքերուն կողմնակիցներուն նկատմամբ, եւ բնաւ անհատական նախաձեռնութենէ անդին չէ անցած անոնց բուռն հակազդեցութիւնները: Սակայն, ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ` այդ արարքները անկարգապահութիւն նկատուած են, եւ 1919 Փետրուար 10-ի Ատանայի միջադէպը` հայ եւ ալճերիացի լէգէոնականներու միջեւ, ստացած է կրօնական երանգ, որով որոշում կայացած է Հայկական Լէգէոնը լուծելու: 4-7. Ակնարկութիւններ են 1920 թ. առաջին ամիսներու ընթացքին պատահարներուն. այստեղ նորութիւնը այն է, որ Հիւսիսային Սուրիոյ երկու հայաբնակ գիւղեր` Եագուպիէ եւ Գնայէ ջարդի եւ կողոպուտի սպառնալիքի կ’ենթարկուին չէթաներու10 կողմէ, որմէ անվնաս դուրս կու գան Ֆրանչիսկեան ժողովրդապետ Հ. Փիերպաթթիսթա Մարկութթիի անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ: «Յաւելուած Ա.», էջ 339-341, ֆրանսերէն թարգմանութիւն` հայատեաց Քամէլ Ալ-Ղազզիի Նահր ալ Զահապ ֆի Թարիխ Հալապ, 1993, Բ. տպագրութիւն, Երկրորդ հատորէն, էջ 565-572: «Յաւելուած Բ.», էջ 342-343, Հալէպի Ֆրանչիսկեան վանքին վանահայր` Հ. Ռաֆայէլ Աթթարի 18 Յունիս 1920 թ. նամակը, Հիւսիսային Սուրիոյ Դէպքերուն, յատկապէս չիաթաներուն մասին: «Յաւելուած Գ.», էջ 344-345, նոյն նամակագիրէն` նոյն թուականով ուրիշ նամակ մը, Միւճիւքտէրէսիի, Ենիճէքալէի եւ Տոնքոլայի Ֆրանչիսկեան նահա-

200


տակներուն մասին: «Յաւելուած Դ.», էջ 346-347, Հ. Փիերպաթթիսթա Մարկութթիի մահագրութիւնը` լատիներէն, յարակից` ձեռագիր լուսապատճէնով: «Յաւելուած Ե.», էջ 348, Սուրբ Երկրի Պահապան Հ. Ֆերտինանտոյ Տիոթալլեւիի 22 Մարտ 1920 թ. նամակը` Կիլիկիոյ ֆրանչեսկեան առաքելութիւններու քանդումին մասին...: ***

Այս վերջին տարիներուն, յաջորդական հրատարակութիւններով եւ յարակից հետազօտութիւններով, Հայր Վենսան Մուսթարիհ հայագիտութեան մէջ հաստատեց հետազօտութեան նոր մարզ մը` բոլորովին անծանօթ մնացած արաբագիր համեստ հայ հեղինակներու ձեռագիր աշխատութիւններուն յայտնաբերումը, եւ ասոնց հետ առընչութիւն ունեցող` Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան զանազան դիւաններու մէջ պահուած շահեկան վաւերագիրներու հրապարակումը:

Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ 30 Օգոստոս 2001, թիւ 1456 13 Սեպտեմբեր 2001, թիւ 1457

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Իպրահիմ Գասպոյի եւ անոր աշխատասիրութիւններուն մասին տեսնել` ‘P.V.M., Documents sur les événements de Mardine (1915-20)’, (Offprint from SOC-Collectanea 29-30, 1996-1997), pp. 7, 13-16, 17-35, 37-55, 193, 195-199, 200-205. Ասոր հայերէն համառօտութիւնը` Տիգրան Գէորգեան, «1915-1920 թթ. երկու վաւերագրեր Մարտինի պատահարներուն մասին եւ Սէֆէր Պիրլիքը Հալէպի մէջ», Ջահակիր, շաբաթաթերթ, 1998 Սեպտեմբեր 10, 24, Նոյեմբեր 12: Նոյնը` Առանձնատիպ, Գահիրէ, 1998: Իսկ միայն արաբերէն բնագիրները` առանց ասորիներու կոտորածներու բաժինին. Գահիրէ, 1999, 106 էջ: 2. Այստեղ կ’ուզեմ մատնանիշ ընել` բանասիրական նոթերուն մէջ յառաջ եկած մէկերկու մատենագիտական եւ թարգմանական վրիպում: Գուժկան Սեբաստիոյ` որ Կարապետ Գաբիկեանն է, իր «Երկու խօսք»-ին մէջ կ’ըսէ` թէ Եղեռնապատումը ի գիր առնուեցաւ 1919 թ., Հալէպի մէջ, ապա` «թերթօնուեցաւ» Երիտասարդ Հայաստանի մէջ: Այնպէս որ, «et l’annuaire Théotik» նշումը` վրիպում մըն է միայն. իսկ «en fascicules dans les revues Eridassart Hayastan» պէտք է ուղղել` «en feuilleton dans le journal hebdomadaire...»: Էջ 288, Հայ ձայն ամենօրեայ անկախ հայաթերթը` երկիցս նշուած է որպէս revue: 3. Գուժկան Սեբաստիոյ (Կ. Գաբիկեան), Եղեռնապատում փոքուն հայոց եւ նորին

201


մեծի մայրաքաղաքին Սեբաստիոյ, Հայրենիքի Տպարան, Պոսթըն, 1924, էջ 554-555: 4. Նոյն տեղը, էջ 553: Պատահարները դատելէ առաջ կը կազմուի Քննիչ Յանձնախումբ մը` որուն մաս կը կազմէ նաեւ, այդ շրջանին Հալէպ գտնուող` գիւղատնտես Միքայէլ Նաթանեան: Յանձնախումբը երեք շաբաթէն կ’ամբողջացնէ իր թղթածրարը եւ կը յանձնէ Անգլիական Զինուորական Իշխանութիւններուն, որով կը կազմուի Զինուորական Ատեան մը` դատելու համար բոլոր մեղաւորները: Նոյնիսկ Հալէպի կառավարութիւնը կը դատապարտուի վճարելու 80,000 սթերլին տուգանք, որպէս վնասուց հատուցում հայերուն կրած վնասներուն: Երուանդ Տէր Մկրտիչեան, Գանձեր Վասպուրականի, հատոր առաջին, Պոսթոն, 1966, էջ 447: 5. Տիգրանակերտի նահանգին ջարդերը եւ քիւրտերու գազանութիւնները (ականատեսի պատմութիւն), գրեց` Թովմաս Գ. Մկրտիչեան (անգլիական նախկին դեր-հիւպատոս Տիգրանակերտի), Տպարան Գրիգոր Ճիհանեան, Գահիրէ, 1919, էջ 18: 6. Գուժկան Սեբաստիոյ, Եղեռնապատում, էջ 30: 7. Encyclopédie universelle, 5, Éditions Gérard & Co., Verviers, Belgique, 1962, ‘Histoire’, p. 10, 11. 8. «Համառօտ ակնարկ` հայ-արաբ բարեկամութեան վրայ», Արարատ, օրաթերթ, Պէյրութ, 27 Յունուար 1999, էջ 3: Արտատպուած է Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակութային Միութեան Օրացոյցէն` Հալէպ, 1999: Օրացոյցը խմբագրած է հալէպահայ ուսուցչուհի եւ լրագրողուհի Օր. Սալբի Գասպարեան: 9. «Արաբ Ազգայնական Շարժումը»-ին եւ «Հէլիոբոլիսի Հայ Քէմբը»-ի մասին արժանահաւատ տեղեկութիւններ կարելի է կարդալ Յուսաբերի խմբագիր Սարգիս Պօղոսեանի Թրքահայ սպայի մը օրագիրը (Պատերազմի եւ զինադադարի յուշեր Լիբանանի Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի մէջ), 1916-1919, Բ. հատոր, Փարիզ, 1947, էջ 181-190: «Եահեա էլ վաթան»-ի շարժումը աւելի հանգամանօրէն ուսումնասիրելու համար կը յանձնարարուի անպայման, նկատի ունենալ 1919 Յունիս 1-ին պատրաստուած, 1:500 աստիճանաչափով` Armenian Refugees Camp Heliopolis 1919 Հայ ապաստանեալներու բնակավայր Հելիօբօլիս, Մարտիրոս Պալաեանի երկլեզուեան անտիպ քարտէսը: 10. Յելուզակային գունդերու գործունէութեան մասին` հետաքրքրական է նկատի ունենալ հետեւեալ տեղեկութիւնը. ա. Թուրք Չէթաներու Գունդերը Ընդհանուր զօրահանութեամբ 15-45 մինչեւ 60-նոցները զէնքի տակ առնել բաւական չի սեպուիր: Մեծ սանդարապետը ոտնակոխ ընելով միջազգային օրէնքները, նոյն իսկ Շէրիի օրէնքները, կոչ կ’ընէ իր ստորին սանդարամետքի – բանտերու – արիւնարբու, ոճրապարտ զաւակներուն, կը բանայ անոնց առջեւ բանտերու դռուիքը, կը կազմէ անոնցմէ չէթաներու գունդեր, հռչակաւոր եղեռնագործներու, աւազակապետներու հրամանատարութեան տակ, արտակարգ զէնքերով ու տարազով զինելով զանոնք: Անատօլուի ներսերէն հետզհետէ Սեբաստիա կը հասնին Թուրքիոյ այս նորօրինակ Եէնիչէրիները, Էրզրումի ճակատը երթալու համար: Եղեռնապատում, էջ 54: բ. Ընդհանուր պատերազմի շրջանին երբ արդէն թուրք բանակին մէջէն, եւ պատերազմի դաշտէն օրական հարիւրներով փախստականներ լեռը կ’ապաստանէին, Թավշան տաղիի (Մարզուանի

202


հիւսիսային կողմը լեռ մըն է ուր կը գտնուի բազմաթիւ յոյն գիւղեր) շուրջը գտնուող յոյն գիւղերու զինուորի փախստականներն ալ ապաստանած էին սոյն լեռը։ Որոնք բաւական զօրաւոր խումբեր կազմելով շատ մը աւերներ գործեր էին թուրք գիւղերուն վրայ։ Կառավարութիւնը շատ հետապնդեց` սակայն չկրցաւ ձեռք ձգել զանոնք մինչեւ զինադադարի հռչակումը։ Անգլիացիներուն ժամանումովը անոնցմէ ոմանք լեռնէն իջնելով ազատ եւ համարձակ կը պտտէին, պաշտօնապէս տեղւոյն կառավարութեան յանձնուելով։ Նոյն իսկ Մուսթաֆա Քէմալ փաշայի Անատօլու ժամանելուն նախորդ օրերուն, «Գավզա»ի մէջ յոյն երեւելիներով ժողով մը գումարելով` անոնց լեռնէն վար իջնելը ազդարարած էր, կառավարութեան այսպիսի տկար ժամանակը իրենց ալ օգնութիւնը բերելով, քանի որ հիմա զինադադարի մէջ կը գտնուին եւ անոնց ալ ներում շնորհուած ըլլալով ոեւէ վտանգ եւ զինուորական վախ չկար։ Այսպէսով անոնցմէ գրեթէ բոլորը վար իջած էին լեռնէն, կառավարութեան շատ վստահութիւն չունենալով անգլիացիներուն ներկայութեանը միայն ազատ կը պտտէին։ Անգլիացիներու մեկնումէն վերջ, անոնք կրկին լեռը ելան փոքր թուով մը, իսկ «Գուվվէի Միլլիէ» ազգային ուժերու հռչակումէն եւ թուրք չէթէութիւնը սկսելէ վերջ անոնք խումբ խումբ նաեւ գիւղացիներէն շատեր լեռը ապաստանեցան, կառավարութիւնը շատ հետապնդեց սակայն անոնք հետզհետէ աւելի զօրացան, այնպէս որ տեղական եւ շրջակայքի ոստիկանական ուժերը ոչինչ չէին կրնար ընել նոյնիսկ չէին կրնար անոնց վրայ կռուելու երթալ, այս չէթէները անուանեցին «Պօնտօս»ի յոյն չէթէներ։ Սեւ ծովու եզերքի յոյներու տեղահանութեան միջոցին Սամսոնի, Պաֆրայի, Իլատիկի, Վէզիր Քէօփրիւի, Գավզայի, բոլոր յոյն գիւղացիներն ալ անոնք որ կրեցին նոյնիսկ իրենց ընտանիքներով հոն ապաստանեցան, այսպէս Պաֆրայի մօտէն Նէպիյէնէն (Նէպիյէն լեռ մըն է Չարշամպայի մօտերը) մինչեւ Սամսոն այդ շղթայի երկայնքին ամբողջ լեռը յոյն չէթէներով լեցուն էր եւ անոնց հսկողութեան կամ աւելին իշխանութեան տակ էր, այս մասին մէջ կը գտնուէին 20-25000 ժողովուրդ մը այր կին եւ մանուկ, որոնց մէջէն հազիւ 3-4000 հազարը զինեալ էին։ Ասոնք իրենց զէնքերը հայթայթեցին թուրք եւ չէրքէզ գիւղացիներէ դրամով եւ ապրուստը թուրք գիւղերու աւարով եւ ասպատակութիւնով։ Դէպքերու այս բարդութեանց մէջ կառավարութիւնը ամենախիստ միջոցները ձեռք կ’առնէր երկիրը խաղաղեցնելու եւ պատերազմական գործողութեանց նուիրելու իր ոյժերը, սակայն իրար յաջորդող «Չափան օղլուներու» եւ Զիլէի հակաքէմալական շարժումները, «Տէրսիմի» քիւրտերու ապստամբութիւնը եւայլն երկիրը, գրեթէ անիշխանութեան ենթարկուած եւ քրիստոնեայ բնակչութիւնը ահ ու դողի մատնած էին։ Ահա իրերը հակառակ քրիստոնեաներուն կը դառնար, եւ այս միջոցին է որ ասպարէզ կուգար Օսման աղան ապստամբները զսպելու եւ յոյն տեղահանութիւնը ղեկավարելու պաշտօնով։ «Ի՞նչ է ծագումն ու կազմակերպութիւնը յոյն չէթէներուն որոնց` «Պօնտօս»-ի չէթէներու անունը կու տան», տե՛ս Թօփալ Օսման եւ դէպքերը Մարզուանի մէջ զինադադարէն յետոյ, գրեց` Պ. Ա. Հայկունի, Աթէնք, Տպարան Նոր Օր, 1924, էջ 28-30:

203


ԿԵՆԴԱՆԱԶԱՐԴԵՐԸ ՀԱՅ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Յատկապէս այս վերջին տարիներուն, հայրենիքէն որպէս արմաղան ստացւած որեւէ գեղատիպ հրատարակութիւն` որ մանաւանդ յատուկ առընչութիւն ունի հայ նկարչական արուեստին եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի պատմութեան հետ, անբացատրելի հոգեկան կազդոյր կը դառնայ ոեւէ գրասէր եւ գրքասէր անձի համար: Զգացած վերջին բերկրանքս յարգելի ընթերցողներուս ալ փոխանցելու մտադրութեամբ, կ’ուզեմ սեղմ տողերու մէջ ներկայացնել ՀՀ Կառավարութեան առընթեր, Մաշտոցի անուան Հին Ձեռագրերու Ինստիտուտ` Մատենադարանի հերթական հրատարակութիւններէն, Կենդանազարդերը` որ կազմած եւ յառաջաբանը գրած է արուեստաբան Աստղիկ Գէորգեան: Ա. Գէորգեանի արուեստագիտական հետազօտութիւնները կը շօշափեն մասնաւորաբար հայկական մանրանկարներուն տարբեր երեսակները, որոնցմէ մաս մը արդէն կարելի եղած է ներկայացնել հատորներու մէջ` Արհեստներն ու կենցաղը 1978 թ., եւ Դիմանկարը` 1982 թ.: Ասոնց լրացուցիչն է ահա, 1996-ին լոյս տեսած Կենդանազարդեր «Ալբոմ»-ը: «Ալբոմ»-ին 111 էջերուն մէջ յաջորդաբար տրուած են կենդանազարդերու մասին շատ շահեկան ուսումնասիրութիւն մը` էջ 5-13 հայերէն, 14-18 ռուսերէն, 19-24 անգլերէն, «Մանրանկարներ»-ու բաժինը, 77 տախտակներ` 330 օրինակներով, որոնք քաղուած են Մատենադարանի ձեռագիր գանձարանի ԺԱ.-ԺԷ. դարերու գրչագիրներէն` պատրաստուած հայ գրչութեան արուեստի տարբեր օճախներու մէջ: Յաջորդական էջերը` 104-108 տախտակներու ցանկն է, ներկայացուած երեք լեզուով, ապա` «Օգտագործուած Ձեռագրերը», էջ 109, 110, 111, դարձեալ երեք լեզուով ներկայացուած: Հին աշխարհի շատ ժողովուրդներու նման, հայկական արուեստի պատմութիւնն ալ կը սկսի ժայռապատկերներէն` որոնք տակաւին անխաթար պահպանւած կը մնան հայկական լեռնաշխարհի զանազան քարայրներու մէջ: Այդ ժայռապատկերներուն վրայ ներկայացուած այլազան վայրի եւ ընտանի կենդանիները` նախնադարեան մարդուն պաշտամունքին եւ կենցաղին հետ սերտ առընչութիւն ունին, եւ արուեստաբաններուն կողմէ նկատուած են միջնադարեան հայ մանրանկարչական արուեստին մէջ մասնաւոր տեղ գրաւած կենդանական զարդապատկերներուն ակունքը:

204


Ճարտարապետութեան մէջ ալ կիրարկուած կենդանաքանդակները դիտւած են իբրեւ քրիստոնէական պահպանիչ խորհրդանշաններ` որոնք Ժ.-ԺԳ. դարերուն լայն տարածում գտած են: Շատ խորհրդանշաններ նախաքրիստոնէական շրջանի, նոր իմաստաւորումով, քրիստոնէական բնոյթ ստացած եւ օգտագործուած են միջնադարեան հոգեւոր մատեաններու գեղարուեստական յարդարանքներուն նպատակով: Հայ գրչութեան զանազան օճախներու մէջ, ստեղծագործուելով տարբեր դարերու ընթացքին, կենդանազարդերը ունեցած են տարբեր աստիճանի զարգացում. ամենահին օրինակները կարելի է տեսնել` «Մլքէ թագուհիի» (Թ. դար, Ս. Ղազար, Մխիթարեան Մատենադարան, ձեռ. 1144/86), «Էջմիածնի փղոսկրեայ» (Ժ. դար, Մաշտոցի անուան Մատենադարան, ձեռ. 2374), «Տրապիզոնի» (Ժ. դար, Ս. Ղազար, ձեռ. 1400/108), աւետարաններուն մէջ: Բուն Հայաստանի գրչութեան դպրոցներուն մէջ, ԺԱ. դարուն ծաղկած է հայ մանրանկարչական արուեստը, որուն եզակի գործերէն կը նկատուին Յովհաննէս Սանդղկավանեցիին նկարազարդած աւետարանները: Նոյն նկարիչին նկարազարդած «Մողնիի» աւետարանը (Մատենադարան, ձեռ. 7736) բացառիկ արժէք

205


կը ներկայացնէ: Անիի գրչութեան կեդրոն Բեխենց վանքին մէջ, 1211 թ., Մարգարէ ծաղկողը նկարազարդած է «Հաղբատի» աւետարանը (Մատենադարան, ձեռ. 6288): Հայ արուեստը եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթը` ԺԲ.-ԺԳ. դարերուն, կը ծաղկի Կիլիկիոյ մէջ. Բագրատունիներու թագաւորութեան անկումէն ետք, երբ հայրենաբնակ ժողովուրդէն մեծ մաս մը զանգուածաբար կը դիմէ այնտեղ, այդ նոր միջավայրին մէջ` պահպանելով հանդերձ հայ արուեստին աւանդոյթները, գաղթած նկարիչները կրօնական կանոնական պատկերաշարը զարգացուցած են բիւզանդական արուեստին յատուկ որոշ հնարանքներով: Միջավայրին ազդեցութեամբ ներկայացուած որսի տեսարանները եւ կենդանակերպերը` շքեղօրէն զարդարած են արուեստը հովանաւորող ազնուական դասակարգի պատուիրատուներուն մատեանները: Կիլիկեան գրչութեան դպրոցի ԺԳ. դարու անուանի նկարիչներ` Թորոս Ռոսլինի, Կիրակոսի, Սարգիսի, Ստեփանոսի, Գրիգորի նկարազարդած մատեաններուն խորանները եւ լուսանցազարդերը զարդարուած են նրբագեղ նկարներով: ԺԴ. դարուն, Կիլիկեան հայկական պետութեան անկումէն ետք, Սիւնիքը կը դառնայ գրչութեան արուեստի կարեւոր կեդրոններէն մէկը. 1282-1338 թուականներուն, Վայոց Ձորի Գլաձորի համալսարանին մէջ կը սորվեցնէին գրչութեան արուեստը, որուն նշանաւոր վարպետները կը հանդիսանան` Թորոս Տարօնացին, Մոմիկը, Աւագը, Բարդողիմէն: Վասպուրականի դպրոցին մէջ ստեղծագործուած ձեռագիրներու հաւաքածոն ալ հարուստ է կենդանապատկեր զարդանկարներով. Սարգիս Խիզանցի, Յովհաննէս Խիզանցի, Ռստակէս, Վարդան Արծկեցի մանրանկարիչ վարպետներուն կենդանապատկերները կատարուած են գունազարդումի ինքնատիպ եղանակով: Հայկական գաղթօճախներու մէջ` Ղրիմ, Կ. Պոլիս, Նոր Ջուղա, Լվով, ԺԷ. դարուն` Ղազար Բաբերտացի, Մարկոս պատկերահան, Հայրապետ Ջուղայեցի, Յակոբ Ակնցի նկարիչները, արեւմուտքի ազդեցութիւնը կրելով հանդերձ, պահպանած են հայկական աւանդոյթները: Ինչպէս հոգեւոր մատեանները, միջնադարեան պատմական երկերն ալ արժանացած են գեղարուեստական ձեւաւորումի. այսպէս, ԺԶ. դարու նկարիչներ Վարդան Բաղիշեցին եւ Կարապետ Բերկրեցին` Եղիշէ պատմիչին Վարդանանց պատերազմի տեսարանները ներկայացուցած են փիղերով եւ ձիերով մարտնչող պարսիկ եւ հայ զօրքերով: Միւս յիշատակելի մատեանն է` Կալիսթենէսի Աղեքսանդր Մակեդոնացիի Պատմութեան հայերէն թարգմանութեան նկարազարդումները, կատարուած ԺԷ. դարու մանրանկարիչներ Յակոբ Ջուղայեցիի եւ Զաքարիա Աղթամարցիի կողմէ:

206


Յիշատակութեան արժանի ուրիշ պարագայ մըն է` ԺԵ. դարու գրիչ Ստեփանոսի նկարազարդած ժողովածուին մաս կազմող տասներկու համաստեղութիւններուն կենդանակերպերը, իրենց նկարչագեղ յօրինուածքով: Ներկայացուող «Ալբոմ»-ին մէջ զետեղուած նկարները կը բաժնուին երկու խումբի. ա. Առասպելական-դիցաբանական էակներ: բ. Իրական կենդանիներու նկարներ: Երկու պարագային ալ, անոնք կը ներկայացնեն խորհրդանշաններ, մասամբ` ծիսական, կենցաղային պատկերներ, կամ միայն յարդարանքներ: Այս խորհրդանիշերուն քրիստոնէական մեկնաբանութեամբ, աղաւնին` խորհրդանիշն է անմեղութեան, խաղաղութեան, մաքրութեան եւ Սուրբ Հոգիին, արծիւը` յարութեան, արիութեան, վեհանձնութեան, առիւծը` զօրութեան, վեհութեան, եզը` համբերութեան, ոյժի: «Ալբոմ»-ին կենդանազարդերուն մաս կը կազմեն բազմատեսակ վիշապներ, երեւակայական կենդանիներ, իրական կենդանիներ եւ այլազան թռչուններ, ինչպէս նաեւ ջրային կենդանիներ: Հետաքրքրական են կենդանիներուն մասնակցութեամբ թատերականացուած խաղապատկերները. մասնաւոր ուշադրութեան արժանի են նաեւ հայ գրչարուեստին մէջ գործածուած կենդանագիրերը եւ թռչնագիրերը: Կենդանազարդերու հետաքրքրական օրինակներու կարելի է հանդիպիլ նաեւ ձեռագիր մատեաններու կազմաստառներուն վրայ` որոնք դաջածոյ կտաւներ, մետաքսէ գործուածքներ կամ ասեղնագործութիւն են: Հայ նկարչական արուեստի եւ ընդհանուր մշակոյթի պատմութեան ուսումնասիրութեան տեսակէտէն, արուեստաբան Աստղիկ Գէորգեան շատ օգտակար կը նկատէ` դիցաբանական, խորհրդանշական, ազգագրական, եւ առընչակից այլ նիւթերու համադրումով, կենդանազարդերու յետագայ գիտական մեկնաբանութիւնները:

ԱԿԱՄԱՅ ՔԱՆԻ ՄԸ ՆԿԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԶԱՐԴԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ Միայն կարելի է ափսոսալ` որ նման գեղեցիկ աշխատութիւն մը զերծ չէ եղած սովորական դարձած վրէպներէ: Թոյլ տրուած անփութութիւնը` կարելի է դասաւորել հետեւեալ կերպով. ա. Համակարգչային շարուածքի վրիպումներ. Էջ 6, «Տրրապիզոնի,» – «Տրապիզոնի»: Էջ 8, սռեղծման – ստեղծման: Էջ 20, In some cases the is connected with Կարդալ` the dragon is...

207


Էջ 23, Yeremiah – Jeremiah. Էջ 24, XIIth century – XVIIth century. Էջ 108, Menalogy – Menology.

բ. Խմբագրական վրիպումներ. Էջ 5, «Եւ գոչեաց Ադամ անուանս ամենայն անասնոց եւ զանազաց»: Կարդալ` «Եւ կոչեաց Ադամ... եւ գազանաց»: Էջ 10, «... զի ըկղմէսցէ զնայ»: Կարդալ` «... զի ընկղմեսցէ զնա»: Էջ 11, «Որպէս փափակէ եղջերու յաղբերս ջրաց, այնպէս փափակէ...»: Կարդալ` «... փափաքէ... ջուրց,... փափաքէ...»: Էջ 13, «Մերձեցաւ հաւն բաղարջակերաց, որ կոչէր պասքայ»: Կարդալ` «... տաւն բաղարջակերացն,... Պասքա»: Էջ 20, «... to be carried away from the flood». Կարդալ` «... away of...». գ. Քերականական, տառադարձութեան վրիպումներ. Էջ 11, որսվող – բային կրաւորական ձեւը որսացուիլ է: Էջ 104, Սանդղկայ վանք` եղած է Sandkhka. իսկ Սանդղկավանեցի` Sandkhkavanetsi։ Էջ 104, խորան` տառադարձուած է Choran, իսկ էջ 23 Khoran։ Յարմար պիտի ըլլար` ցանկերուն մէջ Canon table նշելը: Էջ 104, Մողնի – Mokhny: Էջ 104, Մարկոս աւետարանիչ` Marcus – St. Mark։ Էջ 108, Ջուղայեցի – Jukhayeti։ Էջ 111, Բարդողիմէ` Bardokhime, էջ 21 Bardoghime։ դ. Աղաւաղուած ձեւեր. Էջ 8, Սպահան, 109 Ասպահան, 108 Aspahan, 111 Ispahan։ Էջ 108, Հայրապետ` Hayrapet, էջ 111 Herapet։ ե. Թարգմանական վրիպումներ. Էջ 22, Կենդանաբան` animalist – zoologist: Էջ 22, Աբրահամ քահանայ, Monk Abraham – The priest։

զ. Կրկնակի մականունով. Էջ 9, Զաքարիա Աղթամարցի, էջ 108, Զաքարիա Աւանցի:

208


է. Յաւելեալ լուսաբանութեան համար` էջատակի պատկերագրութիւն, 1-14. 1. Ուղտասար` Ukhtassar։ 2. Lobbi – Lobby։ 3. Աւագի` Aveg’s։ 5-8. ԶԱՐԴԱՔԱՆԴԱԿՆԵՐ` բաց ձգուած պարապ տարածութեան տեղ, կարելի էր` յղումներով կրկնել ծանօթութիւնը: 10, 11, 12, 13, 14. ՄԹԱ, ՄԹ: Երբ նոյն տեղերը` B.C. եւ A.D. ձեւերը արդէն գործածուած են, կարելի էր` առանց վարանումի, անոնց համապատասխան հայերէն ձեւերը գործածել, նկատի ունենալով` որ «Ալբոմ»-ը հրատարակուած է «Հայաստանում քրիստոնյութեան ընդունման 1700-ամյակին առիթով»: 10. Գեմմա, gemmy. լատիներէն gemma բառին տառադարձութիւնն է, թանկարժէք կամ կիսաթանկարժէք քար` որ կը տաշուի եւ կը փայլեցուի յարդարանքի համար: Թարգմանութիւնը պէտք է ըլլայ` gem: Ը. «Օգտագործուած Ձեռագիր» ցանկին մէջ վրիպումներ, էջ 109. ɓɊɝɊɟɊɘ ɧ Ɋ ɞ ɩ ɓɎ ɓɏ ɓɏ ɕʕʏʕ ɓɐ ɓɐ

ɗɊɛɘɡɛ ɦʖɼʚɸʍʏʔ ɘɸʗɸʑɼʖ ɋɼʗʆʗɼʘʂ ɧɸʗɻɸʍ ɋɸʉʂʎɼʘʂ ɛɸɽɸʗ ɋɸɹɼʗʖɸʘʂ ɞɸʆʏɹ Ɋʆʍɼʘʂ

ɋɡɧɊɟɍɊɘɡɫɒɔɫɟ ɓʏʉʏʕɸʅʏʙ ɧɸʗɻɸʍɸʍʘ ʑɸʖɼʗɸɽʋ ɧɸʗɻɸʍɸʍʘ ʑɸʖɼʗɸɽʋ Ɋʔʖʕɸʅɸʎʏʙʍʐ

թ. Տեխնիկական խմբագրութեան վրիպումներ. Հայերէն բաժինին մէջ, առաջին ակնարկով իսկ կը նկատուի` որ bad typographic practice-ի պատճառով, typographic colour-ը խախտած է եւ ընթերցողին կը ներկայացուի շեշտուած սեւ կոյտ մը, բազմաթիւ «river»-ներով, տողադարձ չկիրարկուելուն եւ նեղ տողամիջոցներուն համար։ Լաւ պիտի ըլլար, եթէ ռուսերէն եւ անգլերէն տառաձեւերուն նման` հայերէն համապատասխանող տառաձեւեր ընտրուէին։ Ուրախալի է` որ «Ալբոմ»-ը, տպագրուած է պետական հովանաւորութեամբ եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի աջակցութեամբ, Անահիտ արուեստի հրատարակչութեան կողմէ, Պարբերական հրատարակչութեան տպարանին մէջ: «Ալբոմ»-ին խմբագրի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Գէորգ Աբգարեան:

Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 29 Նոյեմբեր 2001, թիւ 1462

209


ԵՍԱՅԻ` ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷՆ

ԺԹ. դարու վերջին տասնամեակներու «Աստուածաշնչական դպրոցական»ներու քննութիւններուն արդիւնքին համաձայն, մարգարէութիւններու մեկնութեան մասին` եղած են երեք դպրոցներ. Առաջինին հետեւած են, անոնք` որոնք ներշնչութեան նկատմամբ յարած են «աւանդական», կամ հինցած տեսութիւններու, մարգարէութիւնները նկատելով` լոկ կանխասացութիւններ, եւ ոչ` պատմութիւն: Երկրորդ դպրոցը` առաջինին ներհակ, որ ինքզինք կոչած է Քրիստոնէական դպրոց, սակայն, ուրիշներէ կոչուած է Բանապաշտական դպրոց, որուն հետեւողները մերժած են «խնդրուածները», Սուրբ Գիրքէն հանած են հրաշքները եւ գերբնականի ամէն ձեւ: Երրորդ դպրոցին համար կարելի չէ սահմանում կատարել, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ նախորդ երկու դպրոցներուն գաղափարներուն եւ ընդունած սկզբունքներուն զանազանութիւնները: Յետագային, մարգարէութիւններու մասին` «դպրոցականներ»-ը արտայայտուած են հետեւեալ կերպով. «Մարգարէին էական պաշտօնն է Աստուծոյ կամքը մեկնել, Աստուածային բաներ սորվեցնել եւ քարոզել», կամ` «Մարգարէները արդարութեան քարոզիչներ էին, Իսրայէլի պատմաբանները»: Իսկ աւելի խտացած ձեւով` «Կրօնական տիպարներուն հնագոյնը եւ ամէնէն յատկանշականն է մարգարէն»: Եփրեմի եւ Բենիամինի ցեղերուն երկիրներուն մէջ, մարգարէներուն դպրոցները յիշատակուած են Սամուէլի ժամանակէն (ԺԱ. դար Քրիստոսէ առաջ). մեծ կարեւորութիւն տրուած է խօսելու, գրելու եւ երաժշտութեան արուեստներուն: Մարգարէները զբաղած են ձեռքի աշխատութեամբ, մասամբ ալ, իրենց ապրուստը հոգացուած է ժողովուրդին կողմէ: Անոնք ապրած են խմբովին` որպէսզի կրօնական եռանդ ստանան եւ յարմարին Աստուծոյ պատգամաւորները ըլլալու. անոնցմէ ոմանք` ամուսնացած են: Աստուածաշնչական քննադատական դպրոցին կարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկուն հետազօտութեան արդիւնքին համաձայն, Աստուծոյ բարոյական ըմբռնումը` խոր արմատ ձգած է Իսրայէլի կրօնքին մէջ. նահապետները` եղած են մարգարէներ եւ տեսիլք տեսնողներ: Թագաւորութեան հաստատումէն ետք, Աստուծոյ բարոյական ըմբռնումը խախտած է, տեսիլքները` տեղի տուած են

210


բանդագուշակութիւններու, կազմուած են մարգարէներու խումբեր` պետի մը հսկողութեան ներքեւ, որոնք զբաղած են քաղաքականութեամբ: Սակայն, սակաւաթիւ տեսանողներ ալ, կառչած մնացած են կրօնքի մէջ արդարութեան գաղափարին եւ զայն բարձր պահած են: Քրիստոսէ առաջ Ը. դարուն, մարգարէութեան ոգին` Աստուծոյ գաղափարով բարոյացած, աւելի ուժգին կը յայտնուի, եւ մարգարէները թշնամի բազմութեան առջեւ, կը խօսին, նաեւ իրենց պատգամները կը գրեն, «Աստուծոյ Ձայնը» յաջորդ սերունդներուն եւ ուրիշ ազգերու ալ լսելի դարձնելու համար: Գրաւոր մարգարէութիւնները` վսեմ բանաստեղծութիւններ են, եբրայական գրականութեան ամէնէն գեղեցիկ արտադրութիւնը կազմելով: Ժամանակի կարգով, մարգարէները կը ներկայանան հետեւեալ յաջորդականութեամբ. Ը. դարու երկրորդ կէս` Ամովս, Ովսէէ, Եսայի, Միքիա: Է. դար` Սոփոնիա, Նաում, Ամբակում: Զ. դար` Երեմիա, Եզեկիէլ, Զաքարիա, Անգէոս1: Իսրայէլի բոլոր մարգարէներուն մէջ` մեծագոյնը կը նկատուի Եսային. իսկ անոր մարգարէութեան գիրքը` Հին Կտակարանի մարգարէական գիրքերուն գլխաւորը, ամէնէն գեղեցիկը եւ յոյսով ամէնէն զեղունը: Եսայի` ոչ միայն Իսրայէլի մեծագոյն բանաստեղծը եղած է, այլ` աշխարհի մեծ բանաստեղծներէն մէկը կը նկատուի: Երկար ժամանակ, ուսումնասէրներուն ընդունած տեսութիւնը այն էր, թէ Ամովսի որդի Եսայի Մարգարէն` մարգարէութեան գիրքին առաջին եւ երկրորդ մասերուն հեղինակն է, որ` խորհուրդով երկուհարիւր տարի յառաջ երթալով, կը խօսի յետագային տեղի ունենալիք դէպքերուն մասին: Այլ քննադատներ` գիրքին հեղինակութիւնը կը վերագրեն երկու Եսայի մարգարէներու, որոնցմէ առաջինը ապրած է 740-701 տարիներուն, Յուդայի թագաւորներէն` Յովաթամի, Աքազի եւ Եզեկիայի ժամանակ, իսկ երկրորդը` 598-550 տարիներուն, Բաբելոնեան գերութեան շրջանին: Քննադատներէն ոմանց կարծիքով ալ, մարգարէութեան գիրքին` վսեմ, փայլուն եւ ազդեցիկ ոճը, կը համաձայնի մէկ հեղինակի գործ ըլլալու տեսութեան: Գիրքին2 առաջին բաժինը կը կազմեն` Ա.-ԼԹ. գլուխները, եւ երկրորդը` Խ.ԿԶ.: Ամովսի որդի Եսային ծնած Քրիստոսէ առաջ 780-ին. սերած է ազնուական տոհմէ` որ խնամիացած էր արքայական ընտանիքին: Իր գործունէութեան վայրը եղած է Երուսաղէմ քաղաքը, ամուսնացած է եւ ունեցած է երկու որդի` ՍէարՅասուբ եւ Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազ անունով: Անոր մահուան մասին ալ, Քրիստոսէ ետք Բ. դարու հրէական աւանդութիւն մը կ’ըսէ, թէ հաւանաբար ութսուն տարեկանին, սղոցուելով մարտիրոսացած է Պանէասի3 մէջ, Մանասէի իշխանութեան ժամանակ, 696-ին: Եսայի` մարգարէի իր կոչումը ստացած է Երուսաղէմի Տաճարին մէջ,

211


երանական աստուածտեսութեան ժամանակ, Քրիստոսէ առաջ 740 թուականին: Ինչ որ ուժգնօրէն կը ցնցէ զինք, Աստուծոյ սրբութիւնն է, այսինքն անբիծ ըլլալը` որեւէ սխալէ զերծ մնալով: Ընդհակառակն, ինք` մեղաւոր կը զգայ, եւ այդ պատճառով ալ` անկարող, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մտնելու: Այդ պատճառով ալ, հրեշտակը կը մաքրէ անձը, Աստուած կը խօսի իրեն հետ եւ կ’առաջարկէ իր պատուիրակը դառնալ. ան կ’ընդունի եւ մարգարէ է այլեւս, բայց իր առաքելութիւնը դժուարին կ’ըլլայ, առանց տեսանելի արդիւնքի: Եսայի` Մեսիային մասին ամէնէն շատ խօսած մարգարէն է. ան, բազմաթիւ առիթներով կ’արտայայտուի Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի կեանքին եւ մահուան մասին, կարծէք թէ, Փրկիչին գալէն առաջ գրուած Աւետարան մը ըլլար իր գիրքը: Առանց այլապէս տարածուելու, որպէս եզրակացութիւն կարելի է ըսել` որ մարգարէական խորհրդանշաններուն թափանցելու եւ այդ բարձրարուեստ բանաստեղծութիւնը կարենալ ըմբոշխնելու համար, խելամիտ ընթերցողը կը կարօտի իմացական լաւ պատրաստութեան...:

Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 20 Յունիս 2002, թիւ 1476

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Կան մարգարէութիւններ` ինչպէս Յովէլ, Աբդի, Միքիա, Նաում, Ամբակում, Սոփոնիա, Մաղաքիա, անունով միայն ծանօթ են, անձին մասին տեղեկութիւն չկայ: Այսպէս, Մաղաքիա (Մալախի), անուն չէ, այլ գիրքին առաջին երկու բառերը` «իմ դեսպանս» նշանակութեամբ, սակայն, Եօթանասնից թարգմանութեան մէջ փոխուած է Մալախիայի, որ այս պարագային, յատուկ անուն է: Իսկ Անգէոս` դարձեալ անուն չէ, այլ «դեսպանը Եահվէին» նշանակութեամբ, մարգարէութեան առաջին երկու բառերը: 2. 1947-1951 թթ., Մեռեալ ծովուն մերձակայքը, Քումրանի քարայրներուն մէջ կատարւած հնագիտական հետախուզութիւններուն ընթացքին, ի յայտ եկած են նաեւ, Եսայիի գիրքին ամբողջական գլանաձեւ ձեռագիրը եւ բազմաթիւ պատառիկ հատուածներ: 3. Պանէասը` հելլէնիստական Պան աստուծոյ պաշտամունքին նուիրուած շրջան մըն էր, ուրկէ ստացած է տեղանունը: Ներկայիս, Baniyas գիւղն է, որ կը գտնուի Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքներուն վրայ: Քրիստոսէ ետք 442 թուականին, Եսայիի աճիւնները բիւզանդացիներուն կողմէ յայտնաբերուելով, փոխադրուած են Կոստանդնուպոլիս:

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

La Sacra Bibbia, traduzione e commento pastorale del P. Eusebio Tintori O.F.M., RomaItalia-Alba: Pia Società San Paolo, 1931. - I Profeti, p. 58. - Pofezia d’Isaia; Introduzione, p. 59-60.

212


Traduction œcuménique de la Bible, nouvelle édition revue, Paris: Alliance Biblique Universelle-Le Cerf., 1988. - Esaie: Introduction, p. 451-454.

Lectures bibliques: L’Histoire du Salut, publiées sous la direction de A. Elchinger, avec la collaboration de J. Dheilly, Cormar, Paris: Éditions Alsatia, 1951. - Les Livres Prophétiques, p. 137. - Les Prophétes, p. 138. - Isaie, p. 138-139.

Pages bibliques, par Pierre Grelot, troisième édition, Paris: Librairie Classiques Eugène Belin, 1954. - Le Témoignage Prophétiques, p. 99. - Isaie et son temps, p. 122-136.

Mario Galizzi, La Bibbia parola dell’uomo, parola di Dio, Torino: Editrice Elle Di Ci, Centre Catechistico Salesiano di Leumann, 1987. - I Libri profetici: come si sviluppa dialogo Dio-uomo, p. 17-21. - Gli “Scritti”: lunga riflessione sulla fedeltà di Dio, p. 21.

The Holy Bible: Authorized King James Version, Eight printing, Michigan: Zondervan Bible Publishers, Grand Rapids, February 1989. - Introductions and Reading Guides... - Prophecy: The Four Major Prophets, p. 707. Ancient Hebrew Literature, Vol. One, London, New York, Reprinted 1936. - R. Bruce Taylor, Introduction, p. xii. Compton’s Interactive Bible, Version 1.0 Oxford Interactive Encyclopedia.

Ճ. Ֆ. Հ., Պատմութիւն Հին Կտակարանի եւ Մարգարէութիւնք, Կոստանդնուպոլիս, Ի Տպարանի Ա. Յակոբ Պօյաճեան, 1898: - Յառաջաբան, ... էջ 6, 9-25: - Եսայի Մարգարէ եւ իր Գիրքը, էջ 270-373:

Խ. Ս. Գուրեան, Աստուածաշունչի պատմական քննադատութիւնը. Անկախ ուսումնասիրութիւն մը, Տպարան Նուպար, Գահիրէ, 1942: - Եսայի, էջ 77-82, 82-86:

213


ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ՍԿԵՒՌԱՑԻԻ ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷԻ ՄԵԿՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ

ԱԿՆԱՐԿ` ՄԵԿՆՈՂԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մեկնողական գրականութիւնը` ինչպէս ընդհանուր քրիստոնէական, նոյնպէս ալ հայ հին մատենագրութեան մէջ, ընդգրկուն եւ կշիռ ունեցող բնագաւառներէն մէկը եղած է. սակայն, հայագիտութեան մէջ` տակաւին լրիւ ուշադրութեան չէ արժանացած, հակառակ որ փորձեր եղած են: Նախապէս բանաւոր, ապա գրաւոր ներկայացուած մեկնութիւնը կամ մեկնաբանութիւնը` միայն քրիստոնէական ընդհանուր գրականութեան յատուկ երեւոյթ չէ եղած, այլ` որոշակի մակարդակով օգտագործուած է նաեւ եգիպտական, ասորա-բաբելական, հնդկական, չինական եւ յունական դիցաբանութեան մէջ: Քրիստոնէական մեկնաբանական գրականութեան ձեւաւորումին համար` այս բնագաւառին մէջ, հրեայ ժողովուրդին ձգած բանաւոր եւ գրաւոր ժառանգութիւնը կարեւոր եղած է: Մեկնութիւն բառով կը հասկցուի մեկնաբանուող միտքին` ուղիղ եւ թաքուն իմաստին բացայայտումը. մեկնաբանելու իրաւունքը` բոլորին չէր վստահեր Քրիստոնեայ Եկեղեցին, այլ` վարդապետական կոչումի արժանացած բանիսպասաւորներուն: Մեկնաբանող վարդապետները կոչուած են թարգմանիչ, որովհետեւ թարգմանել` մեկնել նշանակած է: Ս. Գիրքի մեկնաբանութեան համար, մեկնիչը պէտք է ապահով ըլլար, որ ձեռքի տակ եղած բնագիրը ճշտուած է, ապա միայն բացայայտէր բնագրին իմաստը: Սակաւ թիւով մեկնիչներ ձեռնարկած են մեկնաբանութեան, եւ այդ պատճառով ալ` սակաւաթիւ մեկնաբանութիւններ յաջող կը նկատուին: Մեթոտաբանական բաժանումով` կան տառացի եւ այլաբանական մեկնաբանութիւններ, որոնք` մեկնաբանական գրականութեան պատմութեան մէջ կը ներկայացնեն Աղեքսանդրիոյ Դպրոցը (այլաբանական, եբրայերէն` ռեշատ), եւ Անտիոքի Դպրոցը (տառացի): Հայ մեկնիչները` իրենց մեկնողական երկերը կազմած են շղթայաձեւ (խմբագիր), այսինքն, տարբեր մեկնիչներու երկերէն քաղուածքներ` օղակ օղակ իրարու կցելով եւ իրենց կարծիքն ալ անոնց միացնելով, շղթայ-մեկնութիւն կազմած են1:

214


215


ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ

Արեւմտեան բանասիրութեան տակաւին անմերձենալի մնացած հայ մատենագրութեան գանձերը` գիտաքննական բնագրով եւ զուգադիր իտալերէն կամ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ հրատարակելու մեծ վաստակ ունի Մուսքիի Ֆրանչիսկեան Հայրերու Քրիստոնէական Արեւելագիտութեան Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի տնօրէն` Հայր Վենսան Վրդ. Մուսթարիհը, որ իր բազմաշխատ հետազօտութիւնները` Կեդրոնին հրատարակած ամենամեայ Collectanea գիտական տարեգիրքին մէջ լոյս ընծայելէ ետք, մասնաւոր ջանադրութեամբ առանձնատիպերով ալ` գիտական հասարակայնութեան աւելի մատչելի կը դարձնէ2: Հայ մեկնաբանական ճոխ գրականութեան հիմնական մասը կը կազմեն Աստուածաշունչի գիրքերուն նուիրուած մեկնութիւնները, որոնցմէ մէկն է` Հեթում թագաւորին հրամանով, հայ երեւելի մեկնիչներէն` Գէորգ Վրդ. Սկեւռացիի Համառաւտ ժողովումն մեկնութեան սուրբ մարգարէին Եսայեա «շղթայաձեւ» կազմած մեկնութիւնը, քաղուած Եփրեմ Խուրի Ասորիի, Յովհան Ոսկեբերանի եւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի մեկնողական երկերէն: ‘Commentaire du Prophète Isaïe, de Georges de Skevra, à la recherche des sources’, (Offprint from SOC-Collectanea 34, 2001), կը սկսի Հ. Վ. Մուսթարիհի համառօտ նախաբանով` էջ 7, ուր կը ներկայացուի այս աշխատասիրութեան նպատակը` աւելի յառաջ տանիլ մեկնութեան աղբիւրներու որոնումը, որովհետեւ` 1899-էն մինչեւ 1983 թուականը, այսինքն Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի ուսումնասիրութենէն` David Bundy-ի հետազօտութիւնը, արդէն արդիւնաւոր աշխատանք կատարուած է: Գէորգ Վրդ. Սկեւռացիի կենսագիրներուն միահամուռ կարծիքով, Եսայի Մարգարէին խմբագիր մեկնութիւնը` կը կազմէ Վարդապետին գլխաւոր աշխատասիրութիւնը, կամ` աւելի ճիշտ, անոր գլուխ գործոցը: Կը յաջորդէ Գէորգ Սկեւռացիի Եսայեայ Մեկնութեան ձեռագիրներու մատենագիտութիւնը` որոնցմէ տասը ձեռագիր Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոյին մաս կը կազմեն, մէկը` Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց մատենադարանին, եւ երկուքը` Հռոմի Biblioteca Casanatense-ի: Եսայեայ Մեկնութեան այլ հեղինակներու հինգ ձեռագիրներ, որոնք դարձեալ մաս կը կազմեն Մատենադարանի հաւաքածոյին: Բաժինը կ’ամբողջանայ` հայերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, գերմաներէն, լատիներէն աղբիւրներու այլազան ցանկով, էջ 9-12: Ա. Գէորգ Սկեւռացիի Եսայի մարգարէի շղթայ մեկնութիւնը ա. Ընդհանուր տեղեկութիւններուն մէջ` էջ 13, կը ներկայացուին 1899-1983-ի ընթացքին, Հ. Ղ. Ալիշանի, M. Faulhaber-ի, A. Zanolli-ի եւ D. Bundy-ի կատարած

216


217


հետազօտութիւնները: բ. Այս շղթայաձեւ մեկնութեան արժէքը կը կայանայ անոր յիշատակած աղբիւրներու առատութեան մէջ` ինչպէս Յովհան Ոսկեբերան, Կիւրեղ Աղեքսանդրացի, Եփրեմ Ասորի, եւ ուրիշներ` որոնք անդրագոյն ուսումնասիրութեան կը կարօտին: ԺԳ. դարու անանուն գրիչի մը կողմէ այս մեկնութեան մասին ներբողեանին մէջ, յատկապէս շեշտուած է` թէ «բազում փութով եւ աշխատութեամբ ժողովեալ ի բարձրագոյն լերանց, ի լայնատարած դաշտաց, ի գոյներանգ մարգաց, ի ծաղկածին հովտաց, ի զանազան երփնափայլուն ծաղկոցաց հաւաքեալ, կուտեալ, բարդեալ դիզեալ, ամբարեալ, ի փունջ մի կապեալ, ի պէտս վարժից եւ վարժապետաց...»: գ. Գալով խմբագիր մեկնութեան մէջ իր կիրարկած մեթոտին, Գէորգ Սկեւռացի լուսանցքներուն վրայ նշանակած է փոխառեալ հեղինակներուն անունները: Նախնական հաշիւներ կատարուած են խմբագիր մեկնութեան մէջ Յովհան Ոսկեբերանէն, Կիւրեղ Աղեքսանդրացիէն, Եփրեմ Ասորիէն, Սարգիս Կունդէն, Գրիգոր Սկեւռացիէն, Աստուածաբանէն (Գրիգոր Նիւսացի), Եւագրէն, Բարսեղէն եւ Եպիփանէն յիշատակուած հատուածներու: Յաճախ ալ, երկար հատուածներ մէջբերելով հանդերձ, Գէորգ Սկեւռացի լուսանցքներուն վրայ զանց ըրած է Կիւրեղի, Ոսկեբերանի եւ Սարգիս Կունդի անուններուն յիշատակութիւնը. էջ 15-16:

Բ. Սարգիս Կունդի Եսայեայ մեկնութիւնը ա. Հեղինակը եւ իր Մեկնութիւնը` էջ 17, քանի մը տողով ծանօթութիւն կը տրուի ԺԲ. դարու վարդապետներէն` Յովհաննէս Սարկաւագի աշակերտներէն, Սարգիս Կունդի մասին, որ հեղինակը կը նկատուի Եսայեայ խմբագիր մեկնութեան մը` Եփրեմի, Կիւրեղի, Ստեփանոս Սիւնեցիի, Իգնատիոս Սարկաւագի, Ոսկեբերանի, Գրիգոր Աստուածաբանի, Եպիփանի, Նարեկի, Անանիայի եւ Նանայի յիշատակումներով, պահպանուած Մատենադարանի թիւ 1132 ձեռագրին մէջ` երես 1-173: բ. Մատենադարանի թիւ 1132 ձեռագրին մէջ` փոխառեալ հեղինակներու անուններ չեն յիշատակուած, սակայն` մանրախոյզ քննութեամբ ուսումնասէր Վարդապետը կրցած է ճշտել Յովհան Ոսկեբերանէն, Կիւրեղ Աղեքսանդրացիէն, Եփրեմէն յիշուած հատուածները, ինչպէս նաեւ յաջողած է որոշել Սարգիս Կունդի յատուկ մեկնութիւնները, էջ 18-19: գ. Շեղումները` որոնք այս խմբագիր մեկնութեան առանձնայատկութիւնը կը կազմեն, նկատուած են երկասիրող հեղինակին կողմէ եւ կը ներկայացուին 1920 էջերու մէջ։ դ. Երկարամեայ պրպտումներու եւ հետազօտութեան արդիւնքները կը ներկայացուին էջ 20-21: Այստեղ պէտք է յիշատակել` այս հարցին առընչու-

218


թեամբ, մեծանուն գիտնական Յակոբ Անասեանին հետ տեղի ունեցած նամակագրութիւնը, որ դժբախտ պատահարով մը կորսնցուցած է երկասիրող հեղինակը3:

Գ. Եսայեայ այլ մեկնութիւններ եւ անոնց աղերսը Գ. Սկեւռացիի խմբագիր մեկնութեան հետ Սարգիս Շնորհալիի վերագրուող կորսուած մեկնութենէն զատ կը յիշատակուի ԺԲ. դարու մատենագիր Դաւիթ Քոբայրեցիի մեկնութիւնը, ապա Մատենադարանի թ. 4166 ձեռագրին մէջ յիշատակուած անանուն հեղինակին մեկնութիւնը` որ միայն հատուածներ կը պարունակէ Եսայիէն, եւ թուականով ալ մօտիկ է Գէորգ Սկեւռացիի ժամանակին. ակնբախ նմանութիւններու կարելի է հանդիպիլ` փոխառութեան ձեւով, Գէորգ Սկեւռացի եւ այս անանունին մեկնութիւններուն միջեւ: Արքայական պալատի քարտուղար Վահրամ Ռաբունի վարդապետին ներբողեաններէն մէկը նուիրուած է Աստուածայայտնութեան տօնին` զոր խօսած է Տարսոնի մէջ, Լեւոն Գ. թագաւորին գահակալութեան օրը` 6 Յունուար 1271-ին: Կուռ եւ ներբողալից կը մեկնաբանուի բազմաթիւ շեղումներով. հուսկ` ներբողեանը կ’աւարտի Թագաւորութեան մասին երկարապատում շեղումով: Աւանդաբար` մեծ վարդապետ Գրիգոր Տաթեւացիի կը վերագրուի Եսայեայ մեկնութիւն մը, ուր կը գտնենք ամէն ձեւի շեղումներ` առաւելաբար ուսուցողական, աստուածաբանական, փիլիսոփայական, մարդաբանական, պատմական` որոնք կը յայտնեն Գրիգոր Տաթեւացիի համայնագիտական տաղանդը: Մատենադարանի 1214 համարով ձեռագրին մէջ կը գտնուի անյայտ մնացած, 1118 թուականէն` Յովհաննէս որդի Մուշի ինքնագիր ձեռագիրը, լրիւ ուսումնասիրելի մեկնութիւն մը. էջ 21-23, 23-25, 25-30, 30-33: Դ. Եզրակացութեան յանգելու համար, երկասիրող Հեղինակը կը շեշտէ` թէ հայ կրօնական գրականութեան մէջ, ԺԲ. դարը` Եսայիի մեկնութեան ոսկեդարն է. ապա, շարքով կը ներկայացնէ մեկնիչ վարդապետները` Յովհաննէս որդի Մուշի, 1118 թ.: Սարգիս Կունդ, ԺԲ. դար: Դաւիթ Քոբայրեցի, ԺԲ. դար: Սարգիս Շնորհալի, ԺԲ. դար: Գէորգ Սկեւռացի, 1290 թ.: Անանուն, 1346 թ.: Յովհաննէս Որոտնեցի, 1385 թ.: Գրիգոր Տաթեւացի, ԺԵ. դ. սկիզբ: Իսկ, համառօտիւ` ընդհանուր եզրակացութիւնը. - Յովհաննէս որդի Մուշի մեկնաբանութիւնը խորհրդանշաբար կատարուած է: - Սարգիս Կունդի մեկնաբանութիւնը` աստուածաբանական եղանակով:

219


- Գէորգ Սկեւռացիի մեկնաբանութիւնը` մեկնողական: - Գրիգոր Տաթեւացիի` ուսուցողական: Եսայիի գիրքը` հայ մեկնիչներուն կողմէ նկատուած է որպէս հաւատքի ժողովածոյ եւ աստուածաբանական ուսուցումի ձեռնարկ. էջ 33-34:

Գէորգ Սկեւռացիի Մեկնութեան Առաջին Գլուխը Մանրամասն կը հաղորդուի այս խմբագիր մեկնութեան հրատարակութեան պարագաները. բնագիրը բաժնուած է հատուածներու, նշուած են տարընթերցումները եւ Աստուածաշնչական յղումները. էջ 35-36: Մեկնութեան գիտաքննական բնագիրը` ստորեւ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ, կը գրաւէ 39-121 էջերը: Ապա կը յաջորդեն շատ հետաքրքրական Յաւելուածները` էջ 123, 124-125, 126-128, 129-133, 134, 135-136, 136-137, 138, 139140, 141-142, 143-144, 145, 146, 147: Օգտագործուած ձեռագիրներու պատճէնահանումներ կարելի է տեսնել` էջ 8, 14, 18, 24, 28, 31, 38, 122: Ներկայացուող հատորը` Գէորգ Սկեւռացի Վարդապետին Եսայեայ մարգարէութեան մեկնութեան առաջին մասը ըլլալուն, զանց եղած է օգտագործուած եզրերուն կամ արտայայտութիւններուն ֆրանսերէն-հայերէն բառացանկը. կարելի է յուսալ` որ երկրորդ մասին խմբագրութիւնն ալ շուտով կ’աւարտի, եւ մօտիկ ապագային` ընթերցողը առիթ կ’ունենայ յաջորդաբար կարդալու երկու բաժիններն ալ:

ՍԿԵՒՌԱՑԻ ԳԷՈՐԳ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ՄԱՍԻՆ Մերօրեայ ընթերցողները թերեւս ծանօթ չըլլան ներկայացուող Գէորգ Վարդապետին կեանքին եւ գրական գործերուն մասին, ուստի անհրաժեշտ կը նկատեմ ուրուագծել համբաւեալ գիտնական Վարդապետին կենսագրութիւնը, քաղելով նախապէս կատարուած հմտալից ուսումնասիրութիւններէ4: Հեթում Ա. թագաւորին գահակալութեան ժամանակ, Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքի գաւառին` Լամբրոն անառիկ դղեակին մէջ, 1246 կամ 1247 թուականին աշխարհ եկած է Գէորգ, Առաքեալ եւ Մլքի առաքինի եւ պարկեշտ ամուսիններու յարկին տակ, որոնք կ’ուխտեն` զաւակ մը ունենալու պարագային, զայն նուիրել սուրբ եկեղեցիի ծառայութեան: Մինչեւ կեանքին հինգերորդ տարին իր ծննդավայրին մէջ անցընելէ ետք, ծնողքին կողմէ Գէորգ կը յանձնուի Սկեւռայի վանքին դպրապետ` իր մօրեղբօր, Գրիգոր Վրդ. Սկեւռացիի խնամքին. անոր մօտ, յարատեւ ընթերցումով եւ գրչութեան արուեստի ստէպ քննութեամբ` կը զարգանայ աշխատասէր եւ ընդունակ Գէորգը, որ իր տասնամեայ հասակին` կը յանձնուի բանիւ եւ գործով երեւելի Մխիթար Սկեւռացի Վրդ.ին, որուն մօտ կ’ուսանի մինչեւ տասնութ

220


տարեկան դառնալը: Այդ ժամանակ արդէն սարկաւագ ձեռնադրուած էր եւ զրպարտութեան պատճառով` հալածանքի եւ տանջանքներու ենթարկուած: Բանտարգելութենէ ետք, կ’արդարացուի Գէորգ Սկեւռացին եւ ազատ արձակւելով` կը մեկնի Հայաստան ուսումը շարունակելու նպատակով. ժամանակ մը կը մնայ Բջնիի Գրիգոր Եպիսկոպոսին մօտ, ապա կ’աշակերտի Վարդան Արեւելցիին, որուն հետ կը շրջի Հայաստանի զանազան վայրերը, մեծ Վարդապետէն ստանալով աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական հիմնական կրթութիւն: Վարդան Արեւելցիի վախճանումէն ետք` 1271-ին, Գէորգ Սկեւռացին կը վերադառնայ Կիլիկիա, եւ կը սկսի վարդապետել Սկեւռա վանքին մէջ, ճգնաւորական կեանք կը վարէ եւ համբաւ կ’ապահովէ իբրեւ քարոզիչ: Հեթում Բ. թագաւորին հետ ունեցած ընդհարումին պատճառով, իրեն կ’արգիլուի Սկեւռա վանքին մէջ ուսուցանել, որով` ան իր մանկավարժական գործունէութիւնը կը շարունակէ Արմէնի անապատին մէջ, եւ այնտեղ ալ կը գրէ Եսայի մարգարէին մեկնութիւնը` Հեթում Բ. թագաւորին հրահանգով: Գէորգ Սկեւռացի Վարդապետը կը վախճանի 1301-ին, Յունուարի 11-ին, Չորեքշաբթի օր մը:

Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 4 Յուլիս 2002, նոր շրջան, թիւ 1477

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ներկայացուող աշխատասիրութիւնը ընթերցողին մատչելի դարձնելու համար, որպէս նախաբան` օգտուեցայ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գիտական քարտուղար` ողբացեալ Փայլակ Անթապեանի պատմատեսական բնոյթի փորձէն. «Հայ մեկնաբանական գրականության տեսական նախահիմքերի շուրջ», Բանբեր Մատենադարանի, No. 15, Երևան, 1986, էջ 60-93: 2. – ‘Commentario sul Cantico dei Cantici di Gregorio di Narek († 1010)’, 1968-1969. - ‘Un Commentaire du Credo attribué a Nerses de Lambroun’, 1973. - ‘Elisée L’Arménien: Commentaire de Josué et des Juges’, 1991. 3. Մատենադարանի գիտաշխատողներէն մէկուն E-mail-ով հաղորդումին համաձայն, Սարգիս Կունդի այս կարեւոր մեկնութիւնը վերջին տասնամեակին հրատարակուած է Երեւանի մէջ, սակայն տակաւին անծանօթ կը մնայ երկասիրող Վարդապետին: 4. Էդվարդ Բաղդասարյան, «Գևորգ Սկևռացու Վարքը», Բանբեր Մատենադարանի, No. 7, Երևան, 1964, էջ 405-409: - «Պատմութիւն վարուց եւ երջանիկ եւ տիեզերալոյս Րաբունոյն Գէորգեայ ծնընդեանն եւ սնընդեանն եւ գերահրաշ կատարմանն Յունվար ի ԺԱ», նոյն տեղը, էջ 410433: - Հ. Գարեգին Զարպհանալեան, Հայկական հին դպրութիւն (Դ-ԺԳ դար), երրորդ

221


տպագրութիւն յաւելուածօք եւ փոփոխութեամբք, Վենետիկ, Մխիթարեան Տպարան, 1897, էջ 718-723: - Հ. Աճառյան, Հայոց անձնանունների բառարան, հատոր Ա, Երևան, 1942, էջ 465-466: - P. Vincent Mistrih, ofm. ‘Trois biographies de Georges de Skevra’ (Extrait de Collectanea No. 14), Le Caire, 1970, pp. 13-19, 19-26.

222


ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ` ԻՐ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Քրիստոնէութեան առաջին դարերուն` Եկեղեցին յաճախակի եւ արիւնահեղ հալածանքներէ տառապած է, որովհետեւ նոր գաղափարաբանութիւնը շատ երեւոյթներով թուած է հակադիր ըլլալ ժամանակի հաւատալիքներուն ու բարքերուն, եւ այդ պատճառով ալ` սպառնալիք մը նկատուած է։ Այդ շրջանին իրագործուած մարտիրոսութիւնն ալ փաստած է, որ սէրը Քրիստոսի հանդէպ եւ հաւատարմութիւնը անոր վարդապետութեան նկատմամբ կը ներկայացնեն գերագոյն արժէքները քրիստոնեաներուն, որոնք իրենց հաւատքը կ’ապրին արմատական կերպով։

223


ê© ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇãÇ ²çÁ£ 1657 é£ ¾çÙdzÍÝÇ Ñ³õ³ù³ÍáÛ£

ê© ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇãÇ ²çÁ£ ²ÝÃÇÉÇ³ë« ÎÇÉÇÏdz óݷ³ñ³Ý£ Ժամանակի հոլովոյթով` աստիճանաբար, Եկեղեցիին կեանքը նոր հունի մէջ մտած է եւ հաւատքի համար ապրուած պրկումն ալ մեղմացած է, երբ Հռոմի նորադարձ կայսրեր եւ աստիճանաւոր պաշտօնատարներ յարած են նոր վարդապետութեան։ Գրեթէ նոյն երեւոյթը կրկնուած է Հայաստանի պարագային ալ։ Արդէն Դ. դարու սկիզբէն իսկ, հայ ժողովուրդին համար նուիրական անուն մը եղած է Գրիգոր Լուսաւորիչը` որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան գաղափարները տարածելով եւ հաստատելով դարձած է պատմական նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ մը, որուն եզակի կերպարը հիմք ծառայած է բազմաբնոյթ աշխատութիւններու` գեղանկարչութեան, գծանկարչութեան, մետաղամշակութեան, ասեղնագործութեան, գորգագործութեան, խեցեգործութեան, դաջագործութեան, եւ փայտի գեղարուեստական փորագրութեան բնագաւառներուն մէջ։ Ահա, այսպէս է, որ ժամանակի եւ տարածութեան մէջէն յառնող կերպար մըն է Գրիգոր Լուսաւորիչը, որուն մենք հաղորդակից դարձած ենք իր մասին հաղորդուած իրապատում եւ առասպելական հիմք ունեցող նկարագրութիւններով եւ յատկապէս իր անձին վերաբերող եւ մեզի հասած բիւզանդական, ռուսական եւ հայկական գեղարուեստական մեկնաբանութիւններու «առաւել տիպական օրինակներ»-ով։

224


¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇ㣠Èáõë³Ýó³½³ñ¹« 1325 é£ سï»Ý³¹³ñ³Ý« Ó»é© 10439£ Գրիգոր Լուսաւորիչի կերպարին բազմակողմանի մեկնաբանումներէն առինքնուած, ընթերցողին ներկայացնելու փոյթ ըրած է արուեստագիտութեան դոկտոր, Մանիա Մ. Ղազարեանը, որուն անաւարտ մէկ ուսումնասիրութիւնը` «համեստ շարադրանք»-ի վերածելով, իր որդին Աշոտ Ստեփանեանը յաջողած է ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Ինստիտուտի Գիտական Խորհուրդին որոշումով հրապարակ հանել Գրիգոր Լուսաւորիչ սրբութիւն եւ արուեստ գեղատիպ հատորը` որ լոյս տեսած է Գահիրէ, 2004-ին։ Այս ինքնատիպ հատորին վերահասու ըլլալու համար, կը փորձեմ համառօտիւ ներկայացնել. աշխատանքին նպատակը` էջ 3-4, կը բացատրուի «Երկու խօսք»-ով, յետոյ մատենագիտական բազմաթիւ աղբիւրներու յիշատակութեամբ` էջ 5-18, կը տրուի «Սրբութեան վերածուած պատմականը», փաստագրուած սակայն իրար հակասող տուեալներով, ապա կը յաջորդէ «Իրեղէն սրբութիւններու

225


ê© ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇ㣠ÄÀ© ¹©« ³ÝÛ³Ûï ÝϳñÇ㣠¾çÙdzÍÝÇ Ñ³õ³ù³ÍáÛ£ հմայքը», էջ 19-34։ Ա, Բ, Գ Մասերով կը ներկայացուին «Նմոյշներ Գրիգոր Լուսաւորիչի պատկերագրումներէն` բիւզանդական արուեստի համակարգին մէջ», էջ 35-41, «Դրուագներ Գրիգոր Լուսաւորիչի կերպարի դրսեւորումներէն` ռուսական արուեստին մէջ», էջ 42-49, եւ «Գրիգոր Լուսաւորիչի տարբերակումները` հայ մշակոյթի համակարգին մէջ», էջ 50-131։ Ընդարձակ «Ծանօթագրութիւններ»-ով` էջ 132-151, կը փակուի հատորը։ Պատմական արժանահաւատ յիշատակարաններու մէջ միայն յիշատակուած կը գտնենք Գրիգոր Լուսաւորիչին գործածած իրեղէն նիւթերը` վրանը, տէրունական խորհուրդին սեղանը, աթոռը, որոնք Սուրբը իրեն հետ կը շրջեցնէր նախքան սուրբերու յիշատակին եկեղեցիներ կառուցելը. իր մատանին, գօտին եւ գաւազանը` որոնց ներկայացուցած գեղարուեստական յատկանիշներուն մասին

226


سëáõÝùÇ ä³Ñ³ñ³Ý« 1300 é£ Êáï³Ï»ñ³ó ê© Üß³Ý í³Ýù£ ¾çÙdzÍÝÇ Ñ³õ³ù³ÍáÛ£ կարծիք չեն կրցած յայտնել արուեստաբանները։ Իսկ Գրիգոր Լուսաւորիչին կերպարը ներկայացուած է Սուրբին մարմնական մասունքներով, յատկապէս աջ բազուկին եւ ձեռքին նմանակումով պահպանուած արծաթեայ կամ ոսկեզօծ պահարան-տուփերով, որոնք հայկական կիրառական արուեստին ինքնատիպ նմոյշներէն կը համարուին1։ Եթէ ներելի է մատնանիշ ընել, հաւանաբար խմբագրական անուշադրութեան (խմբագիր պ. գ. թ. Պ. Ա. Չոբանեան) արդիւնք պէտք է նկատել հետեւեալ վրիպումները։ էջ 9, Մանեաց փոխան` Մանեայ էջ 16, աւետարանիչները փոխան` առաքեալները էջ 19, սրբերի շարքը դասուած որդու Գրիգորիսի փոխան` թոռան էջ 32, վարի երեք տողերը կրկնուած են յաջորդ էջն ալ

227


էջ 53, 54 Յովսէփ Հարեմաթացի փոխան` Արիմաթացի էջ 62 Կոնստանդին փոխան` Կոստանդին էջ 84 Զմառ փոխան` Զմմառ էջ 142 Sirarpy Der Nersisian փոխան` Sirarpie Der Nersessian Լաւորակ թուղթով լոյս տեսած 152 էջնոց այս հատորը ճոխացած է 7 սեւճերմակ եւ 22 գունաւոր նկարներով` որոնք ներկայացուող ուսումնասիրութիւնը մատչելի եւ ցայտուն կը դարձնեն։ Յիշատակութեան մասնաւոր պարագայ մըն է նաեւ, որ այս գիրքը իրենց ծնողներու յաւերժ յիշատակին ձօնած են Պերճ եւ Սեդա Թէրզեանները2, արդէն տպագրութիւնն ալ իրագործուած է Ալմաթպա’ա ալ Աֆրիքիյայի մէջ։

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Հետաքրքրուողին համար կ’ուզեմ յաւելեալ յիշատակել` թէ Լեչչէի Համալսարանին կողմէ 2001-ին կազմակերպուած San Gregorio armeno e il suo culto nell’Italia merdionale գիտաժողովին, Ֆրեզնոյի Համալսարանէն փրոֆ. Տիգրան Գույումճեան ներկայացուցած է «Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի հայկական պատկերագրութիւնը» հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը` ուր յայտնած է, թէ իր յարատեւ հետազօտութեան շնորհիւ յայտնաբերած է նաեւ ցարդ անծանօթ մնացած երկու աջեր ալ։ 2. Հաւանաբար շատ քիչերու ծանօթ է, թէ մեկենաս ամոլը` 2001 թ., Գրիչ եւ Ծաղկող Աստղիկ Գէորգեանի կազմած 38 էջնոց գողտրիկ Ծաղկաքաղ սաղմոսները` «Որպէս անթառամ ծաղիկ» դարձեալ իրենց ծնողներու յաւերժ յիշատակին ձօնած էին։ Մանրամասնութեան համար տեսնել` Տեղեկատու, պաշտօնաթերթ, Հոկտեմբեր 2001, թ. 21, էջ 26-27։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Յուլիս 2005, նոր շրջան, թիւ 36, էջ 5-6

228


Թ.-ԺԷ. ԴԱՐԵՐՈՒ ԱՆԱՆՈՒՆ ՀԱՅ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՀ Կառավարութեան առընթեր Հին Ձեռագրերու Ինստիտուտի` Մաշտոցի անուան Մատենադարանի աւագ գիտաշխատողներէն Աստղիկ Գէորգեան իրապէս եղած է առանձնաշնորհեալ անձ մը, որ տարիներ շարունակ հանապազօրեայ արուեստագիտական մեղուաջան աշխատանքով տեսած եւ շօշափած է ծաղկեալ եւ մանրանկարեալ բիւրաւոր մատեաններ` ապրելով անոնց պարգեւած անկրկնելի բերկրանքը։ Արդէն տասնամեակներէ ի վեր, արուեստաբան Աստղիկ Գէորգեան իր գիտական ուսումնասիրութիւններուն առարկան դարձուցած է միջնադարեան արուեստի ճիւղերէն` մատենական գեղանկարչութիւնը, որուն մասին գրած

229


¾çÙdzÍÝÇ ²õ»ï³ñ³Ý« 989 é£ բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ յօդուածները լոյս տեսած են հայագիտական եւ արուեստի պարբերական մամուլին մէջ. ատոնցմէ զատ հրատարակած է երկու թեմատիկ ալպոմներ. Արհեստներն ու կենցաղը հայկական մանրանկարներում, Հայաստան Հրատարակչութիւն, Երեւան, 1978, 155 էջ։ Հայկական մանրանկարչութիւն. դիմանկար, Սովետական Գրող Հրատարակչութիւն, Երեւան, 1982, 246 էջ։

230


سëáõÝù ²ëïáõ³Í³ßáõÝãÇ« 1270 é£

²ëïáõ³Í³ßáõÝ㫠ľ© ¹©£

Տարիներու ընթացքին իր ուսումնասիրած բոլոր մանրանկարներուն գիտական դասաւորումով եւ օգտագործած գրականութեան ամփոփումով, Աստղիկ Գէորգեան հրապարակ հանեց Հայ մանրանկարիչներ. մատենագիտութիւն, IXXIX դդ. 822 էջերէ բաղկացած փառաւոր հատորը, որ լոյս տեսաւ Գահիրէի մէջ, 1998-ին։ Կարելի է ըսել` թէ քիչ մը անհարկի ձգձգումով, միայն վերջերս հրապարակ ելած է նոյն արուեստաբանին Անանուն հայ մանրանկարիչներ. մատենագիտութիւն, IX-XVII դդ. յոգնաջան աշխատասիրութիւնն ալ, նկատի ունենալով` որ անանուն ծաղկողներուն մէջ ալ «մասնագիտական ուշադրութեան արժանի վարպետներ» կան։ 685 էջերէ բաղկացած այս երկրորդ հատորն ալ` նախորդին նման տպագրութեան յանձնուած է Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Գիտական Խորհուրդին որոշումով, եւ տպագրութեան արժանացած է Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի «Սաթենիկ Ճ. Չագըր» Հիմնադրամի միջոցներով` Նուպար Տպագրատան մէջ, այս անգամ լաւորակ թուղթի վրայ, եւ անբաղդատելիօրէն խնամեալ տպագրութեամբ։ Եթէ համբերութեամբ փորձենք, թռչնաթիռ ակնարկով մը կարելի պիտի ըլլայ ծանօթանալ հատորին 903 ձեռագիրներուն եւ անոնց 407 գունազարդ մանրանկարներուն մատենագիտութեան։

231


Հայրենի եզերքէն եւ Կիլիկիայէն դուրս ալ, հայ մանրանկարչական արուեստը իր հետեւողական զարգացումը ունեցած է նաեւ գաղթօճախներու գրչատուներուն մէջ. այսպէս` Վենետիկ, Պոլոնիա, Հռոմ, Փերուճիա եւ այլ քաղաքներ։ Կ. Պոլսոյ Սուլու Մանաստըրի Ս. Գէորգ եկեղեցիին կից գրչատան մէջ օրինակուած ու նկարազարդուած են ձեռագրեր` որոնց գաղափար օրինակները եղած են կիլիկեան։ Նոյնպէս Ս. Սարգիս եկեղեցիին կից գրչատանը գրուած են բազմաթիւ ձեռագրեր` որոնք մէկ մէկ բարեբախտաբար հանգրուանած են Մատենադարանը։ Հայերու առաջին մեծ գաղթը դէպի Պարսկաստան տեղի ունեցած է սելճուքեան արշաւանքներուն ժամանակ` 1048-ին, երբ հայեր հաստատուած են Թաւրիզի եւ Սուլթանիայի մէջ, ուր յատկապէս ստեղծագործած է գրիչ եւ նկարիչ Աւագը եւ անոր աշակերտներէն` Մխիթար Անեցին։ Շահ Աբասի բռնագաղթէն յետոյ, ԺԷ. դարուն նոր Ջուղան կը դառնայ հայ մշակոյթի կարեւոր կեդրոններէն մէկը. 1605-ին կը հիմնուի Ս. Ամենափրկիչ վանքը, որուն կից Խաչատուր Կեսարացի վարդապետը կը հիմնէ գրչատուն մը` ուր մանրանկարչական արուեստը կը զարգանայ հայաստանեան, կիլիկեան եւ մասամբ եւրոպական պատկերագրութիւններու համատեղումով։ ԺԴ. դարու 40-ական թուականներէն սկսեալ, Ղրիմի Կաֆա, Սուրխաթ, Սուղդա եւ այլ վայրերու մէջ գրչութեան կեդրոններ կը կազմուին, երբ մոնկոլական բռնութիւններէն հալածուած անեցիներ, Մեծ Հայքի այլ վայրերէ տեղահան եղած մեծ թիւով հայեր եւ պետականութիւնը կորսնցուցած կիլիկեցի հայեր կը կազմեն նոր գաղթավայրին կորիզը։ Կիպրոսն ալ գրչութեան կեդրոն մը եղած է, երբ հայերը գացած հաստատուած են Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն ետք։ Նկարազարդ ձեռագրեր ստեղծագործուած են նաեւ Վրաստանի հայկական գրչատուներուն մէջ, մանաւանդ ԺԵ.-ԺԷ. դարերուն` Տփղիսի մէջ։ Պէտք է մատնանշել մասնաւորաբար, որ գաղթօճախներու գրչատուներուն մէջ ստեղծագործուած մատեանները` կանոնիկ պատկերագրութենէն զատ կը բովանդակեն պարականոն նկարներ ալ։ Գիտական հանդերձանքը կը դիւրացնէ այս Մատենագիտութեան օգտագործումը. Թեմատիկ նկարներու ցանկը, Դիմանկարները` Մշակոյթի գործիչներ, Ճգնաւորներ եւ անապատականներ, նահատակներ, զօրավարներ, բժիշկներ, նկարազարդ պատառիկներ, նկարազարդ պահպանակներ, Տեղանուններու ցանկ, Օգտագործուած Ձեռագրեր. ինչպէս նաեւ յայտնի ծաղկողներէ նորայայտ ձեռագրեր։ Շատ լաւ պիտի ըլլար, եթէ այս պատկառելի հատորը զերծ մնար քանի մը անախորժ վրէպներէ, ինչպէս` էջ 6 Ստամպօլց, էջ 9 Մաթէոս, էջ 17 ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹՅՈՒՆ։

232


Այս յոգնասպառ աշխատասիրութեան համար` կարելի է միայն խնդակից ըլլալ արուեստաբան Աստղիկ Գէորգեանին։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Յուլիս 2005, նոր շրջան, թիւ 36, էջ 7-8

233


ՀԱՅ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԴՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՓՈՐՁ ՄԸ

Ընթերցողին ներկայացուող հատորը` երկարատեւ, հետեւողական տքնաջան հետազօտութիւններու արդիւնք է, ամփոփուած միջին մեծութեամբ 701 էջերով գիրքի մը մէջ։ Սրտագրաւ երեւոյթ պէտք է բնորոշել` հայրենի գիտական շրջանակներուն եւ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի միջեւ հաստատուած վերջին տարիներու սերտ գործակցութիւնը, որուն վերջին իրագործումը եղաւ ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան Ինստիտուտի Գիտական Խորհուրդին որոշումով ներկայացուած եւ «Սաթենիկ Ճ. Չագըր Հիմնադրամ»-ին նիւթական միջոցներով տպագրուած Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն, ԺԸ.-ԺԹ. դարեր, Հատոր 1-ը, 2006 թ., Նուպար Տպագրատունէն։ Որպէս «Պատմութիւն»` շատ ամփոփ բնութագրումով ներկայացուած են միայն հայ լրագրութեան առաջին հարիւրամեակին աւելի ուշագրաւ պարբերականները եւ միաժամանակ ալ բացայայտուած են անոնց գրաւած դիրքն ու դերը իրենց ժամանակին հայ հասարակական միտքի պատմութեան մէջ։ Այստեղ կ’ուզեմ անմիջապէս վկայակոչել խմբագիրներուն (պատմական գիտութիւններու դր-ներ` Ա. Ա. Խարատեան, Լ. Մ. Գէորգեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մ. Հ. Մխիթարեան) շատ անկեղծ խոստովանութիւնը` թէ «Չնայած հայ հասարակական-քաղաքական կեանքին բերած վիթխարի նպաստին եւ երկդարեայ պատկառելի պատմութեան, հայ լրագրութեան ամբողջական պատմութիւնը դեռեւս չի ստեղծուել», էջ 16։ Որպէսզի հետաքրքրասէր ընթերցողը գոնէ տարտամ գաղափար մը ունենայ, շատ համառօտակի, ժամանակի կարգով կը ներկայացնեմ կարեւոր ուսումնասիրութիւններու ընթացքը։ Հայ մամուլի պատմագրութեան առաջին փորձը` Հայ մամուլը Ռուսաստանում եւ Կովկասի մէջ, 1878 թ. Թիֆլիսի մէջ կատարած է բանասէր Յարոն։ Հայ մամուլի «բազմահմուտ պատմաբան» կը նկատուի իրաւամբ վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ Հ. Գրիգորիս Վրդ. Գալէմքեարեանը, որ 1893 թ. առանձին հատորով հրատարակած է Պատմութիւն հայ լրագրութեան ի սկզբանէ մինչեւ մեր ժամանակը. յետագային` Հանդէս ամսօրեայի 1897 թ. 2, 4, 9 համարներուն մէջ լոյս ընծայած է «Պատմութիւն հայ լրագրութեան 1860-էն մինչեւ մեր օրերը» ուսումնասիրութեան շարունակութիւնը։ Ասոր յաջորդած է 1909 թ. Վենետիկի մէջ լոյս տեսած բանասէր Հ. Մկրտիչ

234


Վրդ. Պօտուրեանի Հայ մամուլը տասնեւհինգ տարուան մէջ ամփոփ աշխատասիրութիւնը։ Առաջին անգամ հայ հրապարակախօսութիւնը գիտական ուսումնասիրութեան առարկայ կը դառնայ շնորհիւ պատմաբան Լէօ-ի, երբ 1902 թ., Թիֆլիսի մէջ կ’անդրադառնայ հրապարակախօս-լրագրող Ստեփանոս Նազարեանցի, ապա` 1902-1905 թթ., երեք հատորով կը ներկայացնէ Գրիգոր Արծրունին։ Աւելի ուշ, 1955-1956 թթ., Երեւանի մէջ ակադեմիկոս Աշոտ Յովհաննիսեան Նալբանդեան եւ նրա ժամանակը երկհատորեակով ներկայացուց հայ հասարակական միտքին քննական պատմութիւնը։ Ակադեմիկոս Արտաշէս Կարինեանի երկհատոր Ակնարկներ հայ պարբերական մամուլի պատմութեանը (Ե. 1956, 1960) առիթ եղաւ որ հայ պարբերական մամուլի պատմութիւնը գիտական հիմքերու վրայ դնելու աշխատանքներուն ձեռնարկուի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիային մէջ հիմը դրուի հայ մամուլի պատմութեան բաժինին, եւ ապա` հայ մամուլի եւ հասարակական

235


միտքի պատմութեան բաժինին, նպատակ ունենալով կազմել պարբերական մամուլի մատենագիտական նոր ցուցակ մը եւ իւրաքանչիւր պարբերականի մասին ալ` մենագրական ուսումնասիրութիւն մը։ Մենագրութիւնները բազմաթիւ ըլլալուն` կարելի չէ թուարկումը կատարել, բայց 1986 թ., Մանուէլ Բաբլոյեան յաջողեցաւ ներկայացնել իր ճշգրտած Հայ պարբերական մամուլը։ Պարբերական մամուլի մատենագիտութեան նախորդ երախտաւորները եղած են` Գարեգին Լեւոնեան, Ալ-պոլ` 1895, Ե. 1934, Յովհաննէս Պետրոսեան` Ե. 1954, 1956, 1957 եւ Ամալիա Կիրակոսեան` Ե. 1970։ Վերեւ նշուած խմբագիրներէն զատ, այս հատորին իրենց աշխատակցութիւնը բերած են նաեւ այլ ծանօթ բանասէրներ ալ, որոնք խելամիտ կերպով աշխատասիրութիւնը բաժնած են երեք մասերու. ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ, Հայ պարբերական մամուլին սկզբնաւորումը եւ զարգացումը ԺԹ. դարու առաջին կէսին։ Գլուխ Առաջին, «Հնդկահայ պարբերական մամուլը»` Ազդարար, Շտեմարան, Ազգասէր, Ազգասէր արարատեան, Ուսումնասէր, Եղբայրասէր։ Գլուխ Երկրորդ, «Մխիթարեանների պարբերական հրատարակութիւնները»` Տարեգրութիւն, Եղանակ բիւզանդեան, Դիտակ բիւզանդեան, Բազմավէպ, Եւրոպա, Հանդէս ամսօրեայ։ Գլուխ Երրորդ, «Արեւելահայ մամուլի սկզբնաւորումը»` Արեւելեան ծանուցմունք, Կովկաս, Արարատ։ Գլուխ Չորրորդ, «Պոլսահայ մամուլը»` Լրոյ գիր, Ազդարար բիւզանդեան, Հայաստան, Նոյեան աղաւնի, Բանասէր, Ընտանի իմաստասէր, Մուսայք մասեաց։ Գլուխ Հինգերորդ, «Զմիւռնահայ մամուլը»` Շտեմարան պիտանի գիտելեաց, Արշալոյս արարատեան, Հայրենասէր, Արփի արարատեան։ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ, «Հայ պարբերական մամուլը XIX դարի 50-60-ական թուականներին»։ Գլուխ Առաջին, «Արեւելահայ մամուլը»` Հիւսիսափայլ, Մեղու Հայաստանի, Ճռաքաղ, Մասեաց աղաւնի, Կռունկ հայոց աշխարհին, Հայկական աշխարհ։ Գլուխ Երկրորդ, «Արեւմտահայ մամուլը»` Մասիս, Մեղու, Միութիւն, Միութիւն սահմանադրական, Ծաղիկ, Արծուի Վասպուրականի, Արծուիկ Տարօնոյ։ Գլուխ Երրորդ, «Եւրոպայում լոյս տեսած պարբերականներ»` Արեւելք, Արեւմուտք, Փարիզ, Երկրագունդ։ ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՍ, «Հայ պարբերական մամուլը XIX դարի վերջին երեսնամեակին»։ Գլուխ Առաջին, «Հայ ազատամիտ մամուլը»` Մշակ, Մուրճ։ Գլուխ Երկրորդ, «Ազգային-պահպանողական պարբերականները»` Մեղու Հայաստանի, Փորձ, Արձագանք, Նոր-Դար, Արարատ։ Գլուխ Երրորդ, «Հայ մամուլը Երեւանում»` Պսակ, Երեւանի յայտարարութիւններ, Առողջապահական թերթ։

236


Գլուխ Չորրորդ, «Արեւմտահայ մամուլը»` Արեւելեան մամուլ, Արեւելք, Հայրենիք։ Գլուխ Հինգերորդ, «Արեւմտահայ երգիծական մամուլը»` Մեղու, Թատրոն, Թատրոն բարեկամ մանկանց, Լոյս, Ծիծաղ, Խիկար։ Գլուխ Վեցերորդ, «Հայ մանկապատանեկան մամուլը»` Դպրոց, Մանկավարժական թերթ, Վարժարան, Մանկավարժանոց։ Գլուխ Եօթներորդ, «Հայ մանկապատանեկան մամուլը»` Բուրաստան ս. Սահակեան, Թութակ հայկազեան, Երկասէր, Երկրագունդ, Աւետաբեր տղայոց համար, Բուրաստան մանկանց, Ծաղիկ մանկանց, Աղբիւր։ Գլուխ Ութերորդ, «Հայատառ թուրքերէն մամուլը»։ Գլուխ Իններորդ, «Հայ ազգային կուսակցութիւնների մամուլին սկզբնաւորումը»` Արմենիա, Հնչակ, Դրօշակ։ Գլուխ Տասներորդ, «Դեմոկրատական այլ պարբերականներ»` Ազատութեան աւետաբեր, Համայնք, Աշխատանք, Ազատ Հայաստան։ Ներկայացուած հայ պարբերականներէն առաջ, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ սկիզբ առած է հայ քաղաքական հրապարակախօսութիւնը` Մովսէս Բաղրամեանի Նոր տետրակ, որ կոչի Յորդորակ հատորով, 1772 թ., ապա` 1783 թ., Նոր Ջուղայեցի մեծահարուստ վաճառական Շահամիր Շահամիրեանի Տետրակ որ կոչի նշաւակ, վասն կառավարելոյ ինչս որբոց եւ առանց կտակ ննջեցելոց կանոնադրութեամբ։ Հայ լրագրութեան եւ հրապարակագրութեան հիմնադիրները եղած են շատ յատկանշական կերպով` քահանայ հայրեր, վարդապետներ, եպիսկոպոսներ, արքեպիսկոպոսներ եւ բողոքական պատուելիներ. յիշատակելու համար մէկ քանին` Յարութիւն Քհյ. Շմաւոնեան, Հ. Ղուկաս Վրդ. Ինճիճեան, Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Այվազովսկի, Հ. Վարդան Ըստկարեան, Գաբրիէլ Քհյ. Պատկանեան, Խորէն Վրդ. Ստեփանէ, Խրիմեան Հայրիկ, Գարեգին Վրդ. Սրուանձտեանց եւ ուրիշներ։ Նկատելով որ Պատմութիւնը նախատեսուած է «պատմաբաններու» եւ «հայ մամուլի պատմութեամբ հետաքրքրուողներու» համար, անհրաժեշտ կը նկատւի անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը` որոնումները դիւրացնելու համար, եւ ժամանակակից թեքնիք դիւրութիւններն ալ օգտագործելով` կարելի էր մանրացուած պատճէններն ալ ներկայացնել ամէն մէկուն, հատորին այնքան հետաքրքրական տեղեկութիւններուն ընթերցումը աւելի հաճելի դարձնելու մտադրութեամբ։ Աւելորդ չեմ նկատեր յիշատակել` թէ ՀԲԸՄ-ի գործակցութիւնը հայրենի կառավարութեան հետ նոր չէ. եգիպտահայ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներուն կտակին շնորհիւ, ԱՐՄՖԱՆ-ի ղեկավարութեամբ` Մելքոնեան Հրատարակչական Ֆոնտով, Երեւանի մէջ լոյս տեսած են երկու տասնեակէ աւելի հայագիտական ծանրակշիռ հատորներ, այն ժամանակուան երկրին եւ

237


յատկապէս տպարանական անձուկ պայմաններով, սակայն բոլորն ալ տպագրական շքեղ երեւոյթով։ Այսօր, թէեւ պարագայական կերպով միայն, Գահիրէի ՀԲԸՄ-ը դարձեալ կ’աջակցի հայրենի գիտական միտքին լոյս աշխարհ գալուն, շնորհիւ դարձեալ չգերազանցուած եգիպտահայ բարերարուհի Սաթենիկ Ճ. Չագըրի կտակին ընձեռած նիւթական անսահման կարելիութիւններուն։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Հոկտեմբեր 2007, նոր շրջան, թիւ 45, էջ 4-5

238


ՔՆՆԱԽՕՍԱԿԱՆՆԵՐ



ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ` ԵԿԵՂԵՑ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՌԱՀՎԻՐԱՆ ԵՒ ԵՐԳԱՍՏԵՂԾ (Ն. ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

²ñ»õÇ 11 »õ 14 سñïÇ Ñ³Ù³ñÝ»ñáõÝ Ù¿ç` ê© Ü»ñë¿ë ÞÝáñѳÉÇ Ð³Ûñ³å»ïÇÝ í³Ë׳ÝÙ³Ý 800³Ù»³ÏÇÝ ³éÇÃáí ê© ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿ç ï»ÕÇ áõÝ»ó³Í ÛÇß³ï³ÏÇ á·»ÏáãáõÙÇÝ »õ êñµ³½³Ý гٻñ·ÇÝ Ù³ëÇÝ ÉáÛë ï»ë³Í Ù³Ýñ³Ù³ëÝ ï»Õ»Ï³ïáõáõÃÇõÝÝ»ñÁ ÝϳïÇ áõݻݳÉáí« Ù»ñ ³ß˳ï³ÏÇóÁ ѳñϳ¹ñ³µ³ñ Ëáõë³÷³Í ¿ ÏñÏÝáõÃÇõÝÝ»ñ¿£ ÊØ´©

Մշակութային լաւագոյն ձեռնարկներու աւանդոյթ ստեղծած մեր գաղութը` անցեալ Օգոստոսէն ի վեր, ակնգէտ կը սպասէր, որ Գահիրէի մէջ ալ` Էջմիածնի, Վենետիկի եւ Հռոմի նման, մեծաշուք հանդիսութեամբ մը պանծացուէր հայ եկեղեցւոյ պարծանքը եղող հայրապետներէն եւ հայ գրականութեան անկրկնելի գոհարներ պարգեւող մատենագիրներէն` Ներսէս Շնորհալիի մահուան ութերորդ դարադարձը։ Ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլայ համառօտ վերլուծականով մը գնահատել կրօնական-հասարակական-մշակութային բազմաբովանդակ գործունէութիւն մը` որ բեղուն եղած է բոլորին մէջ ալ։ Մայր երկրի իրադրութեան հետ համեմատելով` ԺԲ. դարուն, Կիլիկիան քաղաքականապէս աւելի անկախ եւ տնտեսապէս բարգաւաճ վիճակ մը ունէր, որով հնարաւորութիւն կար մշակոյթի այլ եւ այլ մարզերը ծաղկեցնելու։ Պատմական այդ ժամանակաշրջանին ծնունդ առաւ, ապրեցաւ եւ գործեց Պահլաւունիներու մեծ տոհմի շառաւիղներէն` սրբութեամբ օծուն եւ գիտութեամբ համբաւեալ Կլայեցի կամ Շնորհալի Ներսէս Դ. Կաթողիկոսը։ Բանասիրութեան մէջ այն տեսակէտը յայտուած է թէ Շնորհալի մականունով կոչուած են Շուղրի Կարմիր վանքին աշակերտած բոլոր ուսումնական անձերը, ինչպէս` Իգնատիոս, Սարգիս եւ Բարսեղ վարդապետները։ Սակայն, հայկական աւանդութիւններու նորագոյն հետազօտութեան համաձայն, Ներսէս Կլայեցին նախապէս ունեցած է Խոնարհ մակդիրը` իրեն տրուած առաքինի վարքին, բարի եւ հեզ բնաւորութեան համար։ Յետագային` առիթ ունենալով մօտէն ծանօթա-

241


նալու անոր բազմակողմանի ընդունակութիւններուն, ժողովուրդը Ներսէսին վերակոչած է Շնորհալի մականունով։ Մեր գրական պատմութեան մէջ` այդ ժամանակաշրջանի գրականութիւնը դարագլուխ մը կը կազմէ, որովհետեւ հեղինակները կը սկսին աշխարհիկ լեզուով ստեղծագործել իրենց գեղարուեստական կամ գիտական երկերը։ Ներսէս Շնորհալին` որպէս իր դարուն յառաջապահ դէմքերէն մէկը, մասնակից կ’ըլլայ տիրող ընդհանուր ոգիին, եւ կը ձեռնարկէ բազմաբնոյթ ստեղծագործութիւններու. կարծես կ’որոշէ զօրակոչի ենթարկել բոլոր թեմաները եւ անոնց մշակումի եղանակները, – ինչպէս դիպուկ կերպով կը բնորոշէր վերջերս հայրենի բանասէրներէն մէկը։ Ներսէս Շնորհալիի հայրենանուէր ծառայութիւններէն մեծագոյնը միայն մատնանշելու համար, կ’ուզենք վկայութեան կոչել Օրմանեան Սրբազանի հեղինակաւոր դատումները։ Ան` յենելով եկեղեցական միութեան խնդրին հետ առնչութիւն ունեցող նամակներուն վրայ, կ’ըսէ թէ Ներսէս անկեղծ փափաքող մըն էր, որ Քրիստոսի եկեղեցին պառակտող բաժանումը վերցուէր, եւ իրարու դէմ մրցող չորս ճիւղերը` Հայն ու Ասորին, Յոյնն ու Լատինը դադրէին իրարու դէմ պայքարելէ եւ զիրար նախատելէ, եւ Քրիստոսի եկեղեցին փայլեցնէր աւետարանական սէրն ու եկեղեցական միութիւնը։ Ան չէր ընդուներ եկեղեցի մը` տէր, որ հրամայէ, եւ եկեղեցի մը` ծառայ, որ հնազանդի, եկեղեցի մը` ինքզինք ուղղութեան կանոն կարծէ, եւ եկեղեցի մը` միւսը օրինակելու պարտաւորուի։ Այդ դրութիւնը իսկապէս եւ տիրապէս հայադաւան եկեղեցւոյ սկզբունքն է, որուն ոչ Յունադաւանը կը մօտենայ եւ ոչ Հոռմէադաւանը կը հաւանի. բայց Ներսէս իր բարեմտութեան մէջ կարծած է, որ հնարաւոր է զանոնք համոզել։ Անոր զգացած միութենական ձգտումը` ճշմարիտ քրիստոնեայի անկախ զգացում էր, զուտ հայադաւանութիւն էր։ Օրմանեան զարմանալով հարց կուտայ, թէ ի՞նչպէս ոմանք անոր մէջ յունադաւանութիւն տեսած են։ Ամէնէն կարեւոր կէտը` Շնորհալին իր միութենական ձգտումներուն մէջ, քրիստոնէական եւ աւետարանական սկզբունքներուն հետ` ազգասիրական եւ քաղաքագիտական զգացումներ ալ ունեցած է, իր տառապեալ եւ վարատական ազգին համար իսկական օգնութիւն եւ զօրութիւն փնտռելով քրիստոնեաներու համերաշխ միութեան մէջ։ Սրբազան հեղինակը կրկին կը հարցադրէ. Շնորհալի միթէ կը մեղանչէ՞ր երբ շնորհիւ քրիստոնէական միութեան` խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ ապահովութիւն կը փափաքէր հայթայթել իր վշտակիր հօտին։ Ահա հայադաւան եկեղեցւոյ ճշգրիտ տեսակէտը, – կ’եզրակացնէ ան, – որուն նշանաւոր ներկայացուցիչն է Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, որ գովելի նախանձայուզութեամբ նախաձեռնարկ եղաւ աստուածահաճոյ գործի մը, որուն հետեւեցան իր անմիջական եւ հեռաւոր յաջորղները։ Շնորհալի խոհականութեամբ ուղեցոյց եղած է իր հօտին, «ի սեփական աշխարհս Հայաստանեայց, յարեւմտեան կողմանս, ի միջերկրայս, եւ յիւրաքան-

242


չիւր եզերս աշխարհաց», եւ իր միտքը միշտ յուզող հարցերէն մէկը եղած է վտարանդի զաւակները հայրենի աշխարհ վերադարձնել։ ***

Բնութենէն օժտուած մեծ կարողութիններով` եկեղեցական պաշտամունքը շքեղացնելու դիտաւորութեամբ, իրեն նախորդող մեծանուն հայրապետներ` Սուրբ Սահակի, Յովհան Մանդակունիի եւ Օձնեցիի նման, Շնորհալի հարիւրաւոր շարականներով, տաղերով եւ «երգերով» ճոխացուցած է ծիսակատարութիւնը, ինքն իսկ քաղցր ձայնով անջրպետելով յօրինած եղանակները։ Հայ հոգեւոր երգի գանձարանին մէջ` Շնորհալիի մուծած նշանակելի աւանդը Սրբազան Համերգի մը միջոցով Գահիրէի Հայ հասարակութեան ծանօթացնելու պատասխանատու պարտականութիւնը «յօժարական կամօք» անգամ մը եւս ստանձնած էր Մօ. Եդուարդ Յակոբեան, «Շնորհալի» եւ «Եգիպտահայ Երգչախումբ»երու անդամներուն «աննախանձ ուսուցանելով» սրբազան երգերու ձայնեղանակներուն առանձնայատկութիւնները եւ հարազատութեամբ զանոնք արտաբերելու իւրայատուկ երանգները, ինչպէս ութ դար առաջ կատարած էր Կլայեցի մեծագործ հայրապետը։ Անվարան կրնանք ըսել` թէ ժամանակակից հայ երաժշտագիտութեան ամէնէն հմուտ հեղինակներէն ըլլալուն, Մօ. Յակոբեան յայտագիրը կազմած էր մեծ ձեռնհասութեամբ` ընտրերով Շնորհալիի ստեղծագործութիւններուն գեղեցկագոյն հատուածները, որոնք մասնաւորաբար այս առիթով վարպետօրէն դաշնաւորած կամ բազմաձայնի վերածած էր, Եկմալեանէն եւ Կոմիտասէն առնուած եղանակներուն նման գունագեղութիւն մը տալով բոլոր կատարումներուն։ Այս սրբազան համերգին` երգչախումբը եւ բոլոր մենակատարները` Պ. Յարութիւն Լեւոնեան, Տիկիններ Զապէլ Ռշտունի եւ Մարկրիթ Յակոբեան, ինչպէս նաեւ երգեհոնահար` արուեստագիտուհի Տիկին Շամիրամ Դարմանեան, նոր քննութիւն մը յանձնելով, գերազանցեցին իրենց նախորդ բոլոր կատարումները։ Զարթիք փառք իմը համերգի ամբողջ տեւողութեան` արթուն եւ աշխոյժ պահեց ներկաները։ Էջմիածնական, աւանդական եւ Մօ. Յակոբեանի յօրինած երգեհոնի եւ խումբի համար փոփոխակներով Առաւօտ լուսոն` իսկական լուսերգութիւն մըն էր, որ կ’ենթադրենք, պայծառացուց նոյնիսկ ամէնէն մթամած հոգիները։ Արեւագալի, Խաղաղական ժամու, Տարածեալ, Նոր ծաղիկ, Աղբիւր կենաց, Նորահրաշ եւ Պատարագի երգերը կատարուեցան` իւրաքանչիւրը իր բնոյթին համապատասխան առինքնող ոճով մը։ Մենակատարումներու պարագային մասնաւորաբար` Տիկիններ Ռշտունի եւ Յակոբեան ուշագրաւ դարձուցին միջնադարեան երգերու արտայայտչական

243


հարուստ հնարաւորութիւնները, եւ հասարակ ունկնդիրին ալ հասկնալի ըրին, թէ ինչ է եղանակի ու խօսքի փոխադարձ եւ համազօր կախուածութիւնը։ Ասիկա միայն միտքի վայելք մըն էր։ Դեռ հաճելի տպաւորութեան տակ կը գտնուինք Տիկին Մարկրիթ Յակոբեանի Արծաթսիրութեամբ մոլեալի կատարումին, իր թովիչ ձայնը` հոգեխռով աղօթքի մը վերածեց այդ անպաճոյճ նախադասութիւնը։ Շնորհալի արուեստագիտուհին` Լուսինէ Զաքարեանին նման, հոգեւոր երգերու լաւագոյն մեկնաբանող մը դարձած է։ Երգեհոնահար Տիկին Շամիրամ Դարմանեան, իր արտայայտիչ նուագակցութեամբ եւ մենանուագային բաժիններով, իմաստուն կերպով օգտագործելով երգեհոնի ստեղնաշարերուն տարբեր երանգները առաւել գեղազարդեց կատարւած ստեղծագործութիւնները։ Մօ. Յակոբեան եւ իրեն համագործակցող երգիչները շնորհալի աշխատանք կատարեցին` հին փառքերը նոր տարազներով զարթուցանելով մեր քիչ մը թմրած հոգիներէն ներս։ Կարելի է յուսալ` որ Մօ. Ե. Յակոբեան եւ իր ղեկավարած զոյգ երգչախումբերուն անդամները, խթանուած այս եւ նախորդ համերգին սրտապնդող յաջողութենէն, սրբազան նոր համերգով մը` նոր սէր կ’արծարծեն մեր մէջ։ Մեր յոյսերը ի դերեւ ելլելու որեւէ պատճառ չենք տեսներ, միայն թէ ժամանակը յարմարի։ Մեզի զարմանք պատճառող երեւոյթը այն եղաւ, որ սրբազան համերգը միայն մեր հասարակութեան անդամներուն վերապահուած ըլլալու տպաւորութիւնը թողուց. գոնէ օտար եկեղեցականներու շուքերը նկատելի չէին։ Ի՞նչ բանի պէտք է վերագրել` կազմակերպչական թերացումի՞ թէ քաղաքավարական զանցառութեան...։ Դրդապատճառները մեզի անծանօթ կը մնան։ Սրբազան Համերգին յայտագիրը ամփոփող գեղեցիկ պրակը` այդ ալ պատրաստուած եւ խմբագրուած Մօ. Եդ. Յակոբեանի կողմէ, Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 800ամեակին գողտրիկ յիշատակարանը պիտի մնայ։ Ուրախ լեր սուրբ եկեղեցի... Երգեհոնի զուարթ եղանակներով` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարը անգամ մըն ալ ողողուեցաւ երկնային ուրախութեամբ. երկրաւոր էակներ` երանութեամբ համակուած, գոհ էին որ մունջ` ձայնակցեցան` Շնորհալիի եւ շնորհալիներու երգած Աստուծոյ փառքին։ Ուրախ լեր սուրբ եկեղեցի... Կը խորհինք` որ Գահիրէի Ազգային Իշխանութիւնը ամէնէն գոհունակը պէտք է ըլլայ, Հայրապետական հրահանգը ճիշտ կազմակերպած ըլլալուն համար։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 23 Մարտ 1974, ԾԸ. տարի, թիւ 16.777

244


«ՆԱՆՍԷՆԵԱՆ

ԱՆՁՆԱԳԻՐ»Ը ԵՒ «ՆԱՆՍԷՆԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ»Ը

ՖՐԻՏԵՈՖ ՆԱՆՍԷՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հաստատելու համար` թէ ո՞րքան շունչ սպառած են միջազգային քաղաքական ամպիոններու առջեւ, «դժբախտ» եւ «չարչարուած» հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքները պաշտպանել կարենալու համար, անհրաժեշտ է աչքէ անցընել նման առիթներով կազմուած քաղաքական ճարտասանութեան բաւական ճոխ գրականութիւնը։ Տակաւին հինգ տասնամեակի անցեալ ունեցող քաղաքական անցքերու մասին` պատմական յետադարձ ակնարկ մը կարելի է ուրուագծել, օգտուելով գիտական շրջանառութեան դրուած արխիւային նիւթերէն, ինչպէս նաեւ ժամանակակից մամուլին հաղորդած տեղեկութիւններէն։ Տխուր անցեալով եւ դժբախտ ներկայով հայ ժողովուրդը` քսանական թուականներու սեմին, օրհասական վիճակի մէջ էր, քաղաքական-տնտեսական իրադրութիւններու պատճառով։ 1920 թուականին` Ազգերու Դաշնակցութիւնը, իր առաջին նստաշրջանէն սկսեալ, հարկադրաբար զբաղած է հայ տարագիրներու հարցով եւ յայտարարած է, թէ բոլոր տէրութիւնները անհրաժեշտաբար պէտք է միջոցներու ձեռնարկեն «ըստ կարելւոյն շուտ վերջ տալու հայկական սարսափելի ողբերգութեան» եւ հայ ժողովուրդին ապագան ապահովելու մտադրութեամբ։ Հետագայ տարիներու նստաշրջաններուն` դարձեալ դաշնակիցներու միաձայնութեամբ որոշուած է, որ Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն ժամանակ` անպայման պէտք է նկատի ունենալ հայերուն համար ազգային օճախ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։ Լօզանի մէջ կայացած խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին, հայ գաղթականութեան օգտին` դրական ոչ մէկ միջոցառում եղած է եւ հարցը կրկին ձեւականօրէն յանձնուած է Ազգերու Դաշնակցութեան տնօրինումին։ Սպանդէն մազապուրծ ազատած հայ գաղթականները` իրենց քաղաքացիութիւնը հաստատող փաստաթուղթերէ զուրկ ըլլալով, միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն` կը համարուէին հայրենազուրկ տարագիրներ, որեւէ պետութեան հպատակ չնկատուելով։

245


Թուրքիայէն տեղահան եղած եւ իրենց նախկին բնակավայրերը վերադառնալու արտօնութիւն չունեցող հայ տարագիրներու պարագան ուսումնասիրելով, Ազգերու Դաշնակցութիւնը կ’որոշէ այլեւս թրքահպատակներ չնկատել զանոնք, եւ տալ իրենց կողմէ երաշխաւորուած մասնաւոր անձնագրեր։ Ազգերու Դաշնակցութեան անդամակցող երեսնեակ մը պետութիւններ արդէն ճանչցած էին Գաղթականական Գործերու Կոմիտէին սահմանած անձնագիրին օրինականութիւնը եւ մասամբ թեթեւցուցած այլ ազգութիւններու պատկանող հայրենազուրկ տարագիրներու իրաւական դրութիւնը։ Գաղթականական կոմիտէն կը գործէր նորվեկիացի Ֆրիտեոֆ Նանսէնի նախագահութեան տակ, եւ այդ պատճառով ալ` անձնագրերը ստացած են «Նանսէնեան» անունը։ Կարգ մը երկիրներու մէջ` երկար տարիներ, հայ գաղթականներու քաղաքացիական կացութիւնը կարգաւորուած է «Նանսէնեան անձնագիր»ի շնորհիւ։ Հետեւողական, երկարատեւ ճիգեր պահանջուած են սփիւռքահայ աշխատաւոր գաղթականներու զանգուածները Սովետական Հայաստանի մէջ բնակեցնելու համար եղած բոլոր միջոցառումները` որոնք ժամանակակից պատմութեան մէջ արձանագրուած են «Նանսէնեան ծրագիր» անունով։ Յաջորդական քանի մը տարիներու ընթացքին, Ազգերու Դաշնակցութիւնը ապարդիւն կերպով քննարկած է նաեւ սփիւռքի հայերուն վերջնական բնակավայր մը գտնելու հարցը։ Ի վերջոյ` որոշում կայացած է ուսումնասիրել 50,000 հայ գաղթականներ Անդրկովկասի մէջ` մանաւանդ Ս. Հայաստանի մէջ բնակեցնելու հնարաւորութիւնը, որուն մասին պատրաստակամութիւն յայտնած է սովետական կառավարութիւնը։ Աշխատանքի միջազգային գրասենեակին կից գործող` Նանսէնի գլխաւորած յանձնաժողովը, 1925 թ. կէսին, կը ժամանէ Հայաստան, ուր երկրին պատասխանատուները կը հաւաստիացնեն` թէ Սովետ. կառավարութիւնը լայն հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ առաջադրուած հարցերը մանրամասնօրէն ուսումնասիրելու եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու այն բոլոր հողամասերուն, որոնց վրայ կը նախատեսուի բնակեցնել սփիւռքէն ներգաղթող հայ աշխատաւորները։ Այդ առիթով կը յայտնուի նաեւ, թէ ոռոգումի վերաբերեալ կան արդէն պատրաստ նախագիծեր որոնք կարելի է տրամադրել յանձնաժողովին։ Երկրին կեանքին եւ տնտեսութեան ծանօթանալէ ետք Նանսէն եւ իր ուղեկիցները կը վերադառնան Եւրոպա, նախապէս ՀՍՍՀ կառավարութեան ներկայացնելով յանձնաժողովին մշակած յուշագիրը, ուր ամփոփուած էին 50,000 տարագիրներ Հայաստան բնակեցնելու վերաբերեալ հիմնական միջոցառումները, որոնց իրականացումին համար` Նանսէն կ’առաջարկէ երեք ուղի. բարեգործական ընկերութիւններու միջոցով հանգանակութիւն կատարել, եւրոպական պետութիւններէ վարկ կամ նպաստ ստանալ, կամ եւրոպական դրամատուներէ փոխառութիւն ուզել։ Ըստ Նանսէնի` նպատակայարմար ելքը, անհրաժեշտ

246


զումարը փոխառութեան միջոցով ձեռք բերելն էր։ Այդ պարագային` Հայաստանի մէջ պէտք է գործեր փոխատու տէրութիւններու ներկայացուցիչներուն կոմիտէն, փոխառութեան գումարներուն իրացումը հակակշիռի տակ պահելու համար։ Համաձայն գտնուելով հանդերձ Նանսէնի առաջարկած գրեթէ բոլոր պայմաններուն, Հայաստանի Ժողկոմխորհի նախագահը նշած է, թէ Սովետական կառավարութիւնը երբեք չի թոյլատրեր, որ իր երկրին մէջ քաղաքական արտաքին վերահսկողութիւն կատարուի։ Հայաստանէն վերադարձին` Նանսէն աւելի իրատեսութեամբ կը շօշափէ հայկական օճախ մը հաստատելու ծրագիրը, եւ անժխտելի փաստերով ցոյց կու տայ, թէ Սովետական Հայաստանի մէջ իրապէս գոյութիւն առած է ակնկալուած հայկական օճախը, որուն նմանը այլ վայրի մէջ կարելի չէ պատկերացնել։ Ան կը նշէ, թէ եւրոպական պետութիւնները պատասխանատու են հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան համար, եւ թէ հիմա անհրաժեշտ է, որ անոնք միջոցներ ձեռք առնեն` ոտնահարուած իրաւունքներով ազգին անցեալի աւերակներուն փոխարէն աւելի պայծառ ապագայ մը ստեղծելու համար։ Նանսէնի առաջարկը իրագործելու առընչութեամբ` դաշնակից երկիրներու ներկայացուցիչները կամ անբարեացակամ վերաբերում ցոյց կու տան, եւ կամ «կարեկցաբար եւ համակրանքով» կ’արտայայտուին, առանց գործնական որեւէ քայլ առնելու։ Քաղաքական խաբկանքներուն աւելի երկար չհամակերպելով` 1929 թ., Նանսէն կ’առաջարկէ Ազգերու Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին օրակարգէն վերջնականապէս հանել բոլորովին ապարդիւն կերպով արծարծուած հայկական հարցը, կամ հայ գաղթականութեան հարցը, որոնք կայսերապաշտական պետութիւններու քաղաքական շահեր ապահովելու կը ծառայէին միայն։ Որպէս մեծ մարդասէր մը` հայ ժողովուրդը միշտ յարգանքով վերաբերուած է իր անկեղծ բարեկամին նկատմամբ։ Հայ գաղթականներու հարցին լուծումին առընչութեամբ` Սովետական կառավարութիւնը, ընդառաջ երթալով Նանսէնի յանձնաժողովի առաջարկին` նպատակ ունեցած է փորձել տարագիր հայութեան որոշ մասի մը հայրենիք դարձը Ազգերու Դաշնակցութեան միջոցով կազմակերպելու տեսակէտը, որովհետեւ` սփիւռքի հայերուն մօտ հաստատուած էր այն համոզումը, թէ մեծ պետութիւններու ցանկութիւնն է ամէն կերպով լուծել գաղթական հայերու հարցը։ ***

Հասարակական միտքի զարգացումին` յիսնամեակէ մը ի վեր, իր մեծ նպաստը բերած է Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութիւնը, իմացական եւ մարդկային արժէքները զանազան երեւոյթներով ներկայացնելով գահիրէաբնակ

247


հայութեան։ Մշակութային ձեռնարկներու այս եղանակին սկիզբը` Հ.Գ.Մ.ը նշանաւորեց իր բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ պատշաճօրէն կազմակերպուած երեկոյթով մը, նուիրուած` մարդկային արժէքներու մէջ բացառիկ տիպար հանդիսացող Ֆրիտեոֆ Նանսէնի յիշատակին։ Նանսէնի գիտական եւ քաղաքական բազմաճիւղ գործունէութեան մասին կարելի չէ ամբողջական գաղափար տալ` առանց համայնագէտ ըլլալու, – իրաւամբ շեշտեց օրուան բանախօսը` Մօ. Եդուարղ Յակոբեան։ Մեծարգոյ Բանախօսը առկայ բոլոր տուեալները օգտագործած էր քաղաքական հասունութիւն պահանջող նիւթ մը առարկայօրէն ներկայացնելու համար։ Բեւեռախոյզի եւ հետախոյզի կեանքէն հետաքրքրական դրուագներ պատմելէ ետք, Մօ. Յակոբեան ներկայացուց քաղաքական ասպարէզ փոխադրուած գիտնականը, որ կը յուսար այդ միջոցով սատարել տառապող մարդկութեան։ Որպէս քաղաքագէտ, Նանսէն Ազգերու Դաշնակցութեան ծիրին մէջ գործած ըլլալուն, կոմիտէներու, ենթակոմիտէներու, յանձնաժողովներու պատրաստած մանուածապատ յուշագիր-զեկուցագիր-ծրագիրներէ քաղելով իր վկայութիւնները` յարգելի Բանախօսը յստակօրէն պարզեց Նանսէնի իրապէս մարդասիրական եւ զուտ հայանպաստ միջոցառումներու փուլերը, որոնք աւա՜ղ, արդիւնաւոր չեղան միշտ։ Մօ. Յակոբեան` այս անգամ իր մասնագիտական ոլորտէն դուրս եղող նիւթ մը կը շօշափէր, սակայն նոյն խանդավառութեամբ ներկայացաւ հասարակութեան, ինչպէս սովոր է երաժշտական ձեռնարկի մը պարագային։ Բանախօսը երկու լեզուով` ֆրանսերէն եւ հայերէն, մշակած էր նիւթը, երեկոյթին իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհած Նորվեկիոյ դեսպան` Ն. Վ. Թանգրէտ Իպսէնին եւ իր ազնուափայլ Տիկնոջ հասկնալի ըլլալու մտահոգութեամբ։ Ն. Վ. Դեսպանը խորապէս ազդուած մեծարանքի այս ցոյցէն, խոստովանեցաւ` թէ առաջին անգամ կը տեղեկանար իր մեծ ազգակիցին հայանպաստ գործունէութեան մանրամասնութիւններուն։ Պ. Վահագն Տեփոյեանի ելոյթները` պատշաճ շրջանակը կազմեցին այս յիշատակի երեկոյթին։ Հ.Գ.Մ.էն կ’ակնկալուի, որ նոյն մակարդակով երեկոյթները` երեւոյթ չմնան։ Արժանաւորները` մի՛շտ արժանի են պատուի։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 11 Դեկտեմբեր 1974, ԾԹ. տարի, թիւ 16.988

248


ՓՐՈՖ. ՏՈՔԹ. ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Ամերիկայի եւ Եւրոպայի պետական կամ մասնաւոր դիւաններուն մէջ` տասնամեակներէն ի վեր, հայկական ցեղասպանութեան մասին «ջախջախիչ փաստեր» որոնող Փրոֆ. Տոքթ. Վահագն Տատրեան, արդէն միջազգային համբաւ ապահոված պատմաբան մըն է` այդ մարզին մէջ կատարած իր ծանրակշիռ հրատարակութիւններով։ Ատկէ զատ, պարբերական հրաւէրներով ալ, վաստակած գիտնականը` իր հետազօտութիւններուն արդիւնքը կը փոխանցէ ակադեմական եւ հանրութեան լայն շրջանակներու։ Այս ձեւով է` որ Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի հայութիւնը առիթ ունեցաւ, անցնող Ապրիլի վերջին օրերուն, գոնէ անգամուան մը համար, սովորական արտայայտութիւններէն տարբեր` պատմական իրողութիւններու վրայ միայն հաստատուած, դասախօսութիւններու ունկնդիր ըլլալու։ Նման շահեկան նիւթ մը` հայկական չորս պատերէն դուրս բերելու եւ եգիպտական լրատուական զանգուածային միջոցներուն ալ իրազեկ դարձնելու նախանձախնդիր անձերու ճիգերը չարդիւնաւորուեցան` մեծարգոյ Փրոֆեսէօրին Եգիպտոս այցելութեան օրերը համրանքով ըլլալուն, եւ կանխաւ` այդ ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանք կատարուած չըլլալուն համար` կը մնար միայն ՀՀ Դեսպանատան աջակցութիւնը եւ նախաձեռնութիւնը խնդրել։ Եգիպտոսի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Սերկէյ Մանասարեանի փութկոտութեան շնորհիւ` Զամալէքի Դեսպանատան շքեղ սալոնին մէջ, ակնկալուած հանդիպումը կայացաւ, Չորեքշաբթի, Մայիս 3-ին, երեկոյեան ժ. 8.30-ին։ Եգիպտական լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներէն զատ, նկատի առնուած էին նաեւ եգիպտահայ պարբերական մամուլի պատասխանատու խմբագիրներն ալ։ Անշուշտ, այստեղ պէտք է նկատի ունենալ, որ մեծարգոյ Փրոֆեսէօրը` դիւանագիտական վայրին եւ ունկնդիրներուն լսելիքին համապատասխան, բաւական կոկած էր իր ներկայացուցած բարդ նիւթը։ Դասախօսութիւնը կատարուեցաւ անգլերէն լեզուով. Դոկտ. Ս. Մանասարեան` ներկայ ունկնդիրներուն ներկայացուց իրենց համար բոլորովին անծանօթ դասախօսը։ Դասախօսութեան աւարտին` մեծարգոյ Դեսպանին շնորհակալութեան խօսքերով փակուեցաւ այս շահեկան հանդիպումը։

249


Հետաքրքրական է նաեւ գիտնալ` թէ ներկայ եղողներէն, քանի՞ հոգի անդրադարձան այս նիւթին մասին, իրենց ներկայացուցած թերթին սիւնակներուն մէջ...։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Յուլիս 2000, նոր շրջան, թիւ 16, էջ 7

250


ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻ 9-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱ ԵՒ ԳԱՀԻՐԷ

Արդէն իսկ 9-րդ տարին ըլլալով, Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ` ժողովրդային խանդավառութեամբ նշուեցաւ ՀՀ Ազգային Տօնի տարեդարձի տօնակատարութիւնը։ Երկու քաղաքներուն մէջ ալ, հանդիսութիւնը կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը` ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Ն. Գ. Սերգէյ Մանասարեանի եւ ազնուափայլ Տիկնոջ, կը հովանաւորէին եգիպտահայ հոգեւոր պետերը, նախաձեռնողներէն էին` դարձեալ զոյգ քաղաքներու ազգային իշխանութիւնները, ապահովելով` նոյն քաղաքներուն բոլոր հայկական միութիւններուն մասնակցութիւնը։ Այսպիսի` միահամուռ եւ միասնական համագործակցութենէն անմասն չմնալու համար, Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Վարչութիւնն ալ` շարունակելով իր բարի սովորութիւնը, այս տարի ալ, Երեւանէն յատկապէս հրաւիրած էր Պետական Օփերայի մեներգչուհի Աննա Մայիլեանը, եւ Էլէնա Մելիքեանը` որպէսզի դաշնամուրով նուագակցի։ Այս առիթով, թերեւս աւելորդ նկատուի շեշտը դնել այն իրողութեան վրայ, որ նման իմաստուն կարգադրութեամբ` գեղարուեստական բարձր որակ կ’ապահովուի հանդիսութիւններուն եւ մեծ տաղտուկէ կը ձերբազատեն արդէն վեթերան դարձած տեղացի դերակատարները...։ Այսպէս` Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2000-ին, գիշերուան ժամը 10-ին մէկ ժամ յետաձգումով տեղի ունեցած հանդիսութեան` Պօղոսեան Ազգ. Վարժարանի Մելգոնեան հանդիսասրահին մէջ ներկայ եղած է ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Ն. Գ. Սերգէյ Մանասարեան, կողքին ունենալով տեղւոյն Ազգային Իշխանութենէն անդամներ, միութենական ղեկավար դէմքեր, եւ շատ սահմանափակ թիւով ունկնդիրներ։ Բայց` Կիրակի, 24 Սեպտեմբերին, որոշեալ ժամուն, Գահիրէի Պետական Օփերայի Փոքր Դահլիճը արդէն ներկայ էին մեծ թիւով գեղարուեստասէր եւ հայրենասէր ունկնդիրներ` դիւանագիտական շրջանակի անձնաւորութիւններ եւ ազգային-հասարակական դէմքեր, ինչպէս նաեւ ժողովրդական զանգուածի ներկայացուցիչներ։ Նորին Գերազանցութեան` անգլերէն լեզուով բացման հակիրճ խօսքէն ետք, սկսաւ երգահանդէսը` որուն ընթացքին, սոփրանօ Աննա Մայիլեան ախորժա-

251


լուր ձայնով կատարեց թէ արեւմտա-եւրոպական ծանօթ հեղինակներու գործերէն բաժիններ, եւ թէ հայ հեղինակներու` Նարեկացիի, Շնորհալիի, Կոմիտասի կամ Կանաչեանի նման ստեղծագործողներու երկերէն հոգեզմայլ հատուածներ։ Դաշնակահարուհի Էլէնա Մելիքեան` իր կարգին, ճարտար մատնահարումով ներկայացուց տեղին եւ նպատակին յարմար եղանակներ։ Երկու արուեստագիտուհիներն ալ` երգչուհի Աննա Մայիլեան եւ դաշնակահարուհի Էլէնա Մելիքեան ծնած են Երեւան. երկուքն ալ` մայրաքաղաքին երաժշտական ուսումնարանները աւարտելէ ետք, յաճախած եւ ընթացաւարտ եղած են Երեւանի Պետական Երաժշտանոցէն` բարձր գնահատանքով, եւ յարատեւ աշխատանքով նուաճած են գովելի դիրքեր արուեստի աշխարհին մէջ։ Գեղարուեստական հաճելի երեկոյթ մըն էր` յատկապէս զովացուած դահլիճին մէջ, զերծ մնալով այլ սրահներու հեղձուցիչ մթնոլորտէն...։

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԵՐԳՉՈՒՀԻ ԱՆՆԱ ՄԱՅԻԼԵԱՆԻ

Արդէն աւանդութեան վերածուած գեղեցիկ սովորութիւն է` որ երգահանդէսի աւարտին, օրուան երգչուհիին եւ դաշնակահարուհիին ի պատիւ մտերմիկ ընդունելութիւն մը տեղի ունենայ Նեղոսի գեղածիծաղ ափերուն ժամանակէ մը ի վեր խարսխած ‘Le Pacha 1901’ նաւուն սրահներէն ‘Piccolo mondo’ ճաշարանին մէջ։ Հիւրընկալները` Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Վարչութեան ժրաջան անդամները, իրենց ազնուափայլ տիկիններով, գլխաւորութեամբ իրենց Ատենապետին` Տիար Պերճ Թէրզեանի եւ ազնուափայլ Տիկնոջ, ժպտադէմ կը դիմաւորէին հետզհետէ ժամանող հրաւիրեալները` Ն. Գ. Սերգէյ Մանասարեան եւ ազնուափայլ Տիկինը, Գերշ. Զաւէն Արք. Չինչինեան, Տէր եւ Տիկին Անդրօ Մեսրոպեան, Տէր եւ Տիկին Նուպար Սիմոնեան եւ այլ աստիճանաւոր հիւրեր։ Երգչուհի Աննա Մայիլեանի եւ դաշնակահարուհի Էլէնա Մելիքեանի ժամանումէն ետք, բոլոր հրաւիրեալները գրաւեցին իրենց սահմանուած աթոռները, եւ հաճելի զրոյցներով սկսան համտեսել ախորժահամ աղաներները, ճաշակելով համեղ խորտիկները, իրենց պատառները` մերթ ընդ մերթ ողողելով սառնորակ գարեջուրով...։ Ցտեսութիւն` մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան փառաւոր տասնամեակի հանդիսութիւն...։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Հոկտեմբեր 2000, նոր շրջան, թիւ 17, էջ 4

252


ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐ



ԱԼՊՕՅԱՃԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Ի. դարու սեմին յայտնուելով, արեւմտահայ` ապա սփիւռքահայ բանասէրներուն մէջ միշտ յառաջապահ դիրքերը գրաւած է Արշակ Ալպօյաճեան, հայագիտութեան զանազան բնագաւառներուն նուիրուած իր այլազան ուսումնասիրութիւններով։ Վեց տասնամեակ շարունակ` իր որոնող եւ քննող միտքին արգասիքը եղած են բազմահարիւր ուսումնասիրութիւններ, որոնք իրեն ապահոված են կշռադատ պատմաբանի վարկ։ Իր առաջին ընդարձակ աշխատութենէն1 մինչեւ Գաղթականութեան պատմութեան երրորդ հատորը` ջանացած է միշտ նոր նիւթերով ճոխացնել բանասիրական գրականութիւնը. այսպէս` առաջին անգամ համապարփակ ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած են հայ գաղութներու կազմութեան պատճառները, հայ դպրոցի եւ կրթական գործիչներու պատմութիւնը, արտաքին եւ ներքին սահմանները պատմական Հայաստանի։ Ալպօյաճեանի պատմագիտական ուսումնասիրութիւններուն փառապսակը եղող` Պատմութիւն հայ գաղթականութեան երեք հատորները (Գահիրէ` 1941, 1955, 1961) թղթատող մը, այնտեղ պիտի գտնէ պատմական իրադարձութիւններու վերլուծում, աղբիւրներու առատութիւն, համբերութեամբ ձեռք բերուած տեղեկութիւններ եւ վկայութիւններ։ Այդ գործը ճիշտ գնահատելով, հայրենի պատմաբաններէն` Փրոֆ. Աշոտ Աբրահամեան ըսած է. Ալպօյաճեանը կողք-կողքի բերելով առանձին գաղթօջախների պատմութիւնները, կազմել է սփիւռքի գաղութների ամբողջական պատմութիւնը, որը հայագիտութեան այդ բնագաւառի, կարելի է ասել, առաջնեկն է2։ Վիեննայի բազմարդիւն Մխիթարեաններէն` Հ. Համազասպ Ոսկեան, հետեւեալ բառերով կը դրուատէ նոյն աշխատանքը. Վաստակաւոր հեղինակին Հայ գաղթականութեան պատմութեան այս երրորդ հատորին առաջին մասն եւս կը հռչակէ անոր կորովը, բազմակողմանի հմտութիւնը եւ փութաջանութիւնը – նուիրեալ մը, որ մինչեւ իր խոր ծերութիւնը գրիչը մատներուն մէջ բռնեց3։

255


²ñß³Ï ²ÉåûÛ³×»³ÝÇ ³ß˳ï³ë»Ý»³ÏÁ` Ý»ñùÇÝ å³ñï¿½Ç ÙÁ íñ³Û ݳÛáÕ« áõñ ÍÝáõݹ ³é³Í »Ý Çñ å³ïÙ³-µ³Ý³ëÇñ³Ï³Ý áõëáõÙݳëÇñáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ Ù»Í Ù³ëÁ£ Ø»Í ·ñ³¹³ñ³ÝÝ»ñÁ ÏÁ å³ñáõÝ³Ï»Ý Çñ Ù³ëݳ·Çï³Ï³Ý ѳõ³ù³ÍáÛÇÝ Ï³ñ»õáñ Ù³ëÁ£ ºñÏñáñ¹ ·ñ³¹³ñ³ÝÁ ùÇã ÙÁ ³ÝϳÝáÝ íÇ׳ÏÇ Ù¿ç ÏÁ ï»ëÝáõÇ` ·Çñù»ñÁ г۳ëï³Ý ÕñÏáõ»Éáõ å³ïñ³ëïáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ å³ï׳éáí£ Èáõë³Ýϳñ` Üáõå³ñ îÁÝÏ×»³Ý£

256


²ÉåûÛ³×»³ÝÇ ³ß˳ïáõû³Ý ë»Õ³ÝÁ` ÃÕóÍñ³ñÝ»ñáí ͳÝñ³µ»éÝáõ³Í£ гõ³Ý³µ³ñ` ·ÉáõËÁ ³ÝáÝó íñ³Û Ñ³Ï³Í í»ñçÇÝ ¹³ë³õáñáõÙ ÙÁ Ï’ÁÝ¿ñ« »ñµ Ù³ÑÁ Çñ Ó»éù¿Ý ËÉ»ó ·ñÇãÁ` 1962 ÚáõÝÇë 24ÇÝ£ ÊáñùÇÝ ·ñ³ë»Õ³ÝÁ ÏÁ å³ñáõݳϿñ ²ÉåûÛ³×»³ÝÇ ³ñËÇõÇÝ Ù¿Ï Ù³ëÁ£ øáíÇ µ³½ÙáóÇÝ íñ³Û` Û³×³Ë Ùï»ñÙÇÏ ½ñáÛóÝ»ñ Ï’áõݻݳñ Çñ»Ý ³Ûó»ÉáÕ Ñ»ï³ùñùÇñ »ñÇï³ë³ñ¹Ý»ñáõÝ Ñ»ï« áñáÝó ѳݹ¿å óáÛó ïáõ³Í Ñá·³ÍáõÃÇõÝÁ ³ÝÙáé³Ý³ÉÇ ÏÁ Ùݳۣ Èáõë³Ýϳñ` Üáõå³ñ îÁÝÏ×»³Ý£

257


²ÉåûÛ³×»³ÝÇ ³ÝÓÝ³Ï³Ý Çñ»ñ¿Ý Ù³ë ÙÁ` áñáÝù ѳÛñ»ÝÇù ÕñÏáõ»ó³Ý£ ¸ÇÙ³ÝϳñÝ»ñáõ Ñ»ÕÇݳÏÝ»ñÝ »Ý` »·Çåï³Ñ³Û ÝϳñÇãÝ»ñ` ²© ê³ÙëáÝ»³Ý »õ Ú© îÁÝÏ×»³Ý£ ҳ˳ÏáÕÙÁ Ï’»ñ»õÇÝ` ä© ²© ¶³ñï³ß»³Ý »õ î© ¶¿áñ·»³Ý« ³ÝïÇå ³ß˳ïáõÃÇõÝÝ»ñ ³ãù¿ ³Ýóáõó³Í å³ÑáõÝ£ Èáõë³Ýϳñ` Üáõå³ñ îÁÝÏ×»³Ý£

258


²ÉåûÛ³×»³ÝÇ ³ÝÓÝ³Ï³Ý ³ñËÇõÁ« áõñ ÃÕóÍñ³ñÝ»ñáõ Ù¿ç ϳÝáݳõáñ ¹³ë³õáñáõ³Í ¿ÇÝ ï³ñÇÝ»ñáõ ÁÝóóùÇÝ Çñ ѳõ³ù³Í í³õ»ñ³ÃáõÕûñÁ£ Ü»ñϳÛÇë ³Û¹ µáÉáñÁ ÏÁ å³ÑáõÇÝ Ø³ßïáóÇ ³Ýáõ³Ý سï»Ý³¹³ñ³ÝÇ ²ÉåûÛ³×»³ÝÇ üáݹÇÝ Ù¿ç£ Èáõë³Ýϳñ` Üáõå³ñ îÁÝÏ×»³Ý£

259


²ß˳ï³ë»Ý»³ÏÇÝ ³éç»õ ·ïÝáõáÕ` ͳé»ñáí ßñç³å³ïáõ³Í« Áݹ³ñÓ³Ï í»ñ³Ýï³Ý« áõñ ²ÉåûÛ³×»³Ý ÏÁ ëÇñ¿ñ ѳݷãÇÉ ÙÇïùÇ É³ñáõ³Í ³ß˳ï³Ýù¿Ý »ïù£ Üëï³Í` Ïï³Ï³ñ³ñ ä© ²ñï³ß¿ë ¶³ñï³ß»³Ý« áïùÇ` îÇ·ñ³Ý ¶¿áñ·»³Ý£ Èáõë³Ýϳñ` Üáõå³ñ îÁÝÏ×»³Ý£

260


سóñdzÛÇ ·É˳õáñ ÷áÕáóÝ»ñ¿Ý` ޳ϳñ¿Ã سñdz٫ ÃÇõ 2£ ²Ûëï»Õ ³åñ»ó³õ »õ ëï»Õͳ·áñÍ»ó µ³½Ù³ñ¹ÇõÝ µ³Ý³ë¿ñÁ£ ҳ˳ÏáÕÙ»³Ý ³é³çÇÝ å³ïß·³ÙÁ` Çñ ³é³ÝÓݳë»Ý»³ÏÇÝÝ ¿ñ« ÇëÏ »ñÏñáñ¹Á` ÑÇõñ³ÝáóÇÝÁ£ ¸ñ³Ý ë»ÙÇÝ` î© ¶¿áñ·»³Ý »õ ä© ²© ¶³ñï³ß»³Ý£ ²õ³¯Õ« ß³ï ³Ûó»ÉáõÝ»ñ ³Ûëûñ ½ñÏáõ³Í »Ý ³Ûë ïáõÝÇÝ »ñµ»ÙÝÇ ç»ñÙÇÏ ÙÃÝáÉáñï¿Ý£ Èáõë³Ýϳñ` Üáõå³ñ îÁÝÏ×»³Ý£

261


Փրոֆ. Աբրահամեան` նոյն յօդուածին մէջ, Ալպօյաճեանի աշխատութիւններուն ընդհանուր բնութագիրը ընելով, կը գրէ, թէ անոնք «աչքի են ընկնում փաստական նիւթի հարստութեամբ ու եզրակացութիւնների ինքնատիպութեամբ։ ...Կարելի է համաձայնուել կամ չհամաձայնուել նրա այս կամ այն եզրակացութեան հետ, բայց չընդունել նրա ինքնատիպութիւնը չի կարելի»։ Իր կեանքին երկրորդ շրջանը Գահիրէ անցուցած ըլլալուն` Ալպօյաճեան առիթ ունեցած է «Հայերու նիւթական եւ բարոյական գործունէութեան ելեւէջները եւ մնացորդները նոթագրելու եւ դասաւորելու», ներկայացնելու համար «ՀայԵգիպտական յարաբերութիւնները եւ մասնաւորապէս Հայոց համեստ ծառայութիւնները այս երկրին, ոչ իբր օտար, այլ իբր բնիկ»։ Եգիպտահայերուս համար այս կարեւոր գործը լոյս տեսած է 1960ին, Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան Եգիպտոսի նահանգը եւ հայերը խորագրով, Հայ Ազգային Հիմնադրամի մատենաշարով4։ Հաւանաբար Հայաստան այցելութեան առիթով` Ալպօյաճեան կարգադրած ըլլայ յետ մահու իր անձնական գրադարանը եւ արխիւային ճոխ նիւթերը նուիրել Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւնների Ակադեմիայի Ֆունդամենտալ Գրադարանին։ Որպէս իրատես եւ գործնական մարդ, ան կտակը պատրաստած եւ կտակակատար կարգած էր իր ձեռնասուններէն` Պ. Արտաշէս Գարտաշեանը։ Կարգադրութիւնը` նախատեսուածին պէս, ճիշտ եղած էր։ Մահէն ետք, օրինական բոլոր ձեւակերպութիւնները վերջացնելով, կտակակատարը յաջողեցաւ գիրքերու ամբողջ հաւաքածոն ու ձեռագիրներու տրցակները 24 սնտուկներու մէջ տեղաւորել եւ ապահով Հայաստան փոխադրել տալ 1965-ին, շնորհիւ Գահիրէի Ազգ. Իշխանութեան նիւթական աջակցութեան։ Պ. Գարտաշեանի անխոնջ ջանքերուն մասնակից եղաւ Արեւի նախկին խմբագիրը` Պ. Էտմոն Կոտալազեան (Երուանդ Ազատեան)։ Գիտական մշակումի ենթարկուելէ ետք, գիրքերը Արշակ Ալպօյաճեանի անունով պահուած են Ֆունդամենտալ Գրադարանի մասնաւոր սենեակներէն մէկուն մէջ. հաւաքածոն կ’ընդգրկէ 1855 գրադարանային միաւոր` որուն մէջ կան 1646 հայերէն գիրքեր, հանդէսներ, հին թերթերու կոմպլեկտներ, եւ 209 օտար լեզուով հատորներ։ Հայագիտական գիրքերու մեծ մասը նուիրուած է հայոց պատմութեան, լեզուի, մամուլի, արուեստի եւ այլ հարցերու։ Անոնք 19-20-րդ դարերու հրատարակութիւններ են, լոյս տեսած` Նիւ Եորքի, Պոսթոնի, Գահիրէի, Փարիզի, Շտուտգարտի, Կալկաթայի, Երուսաղէմի, Պէյրութի, Կ. Պոլսոյ, Իզմիրի, Երեւանի մէջ5։ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Ալպօյաճեանի Ֆոնդին մէջ կը գտնուին անտիպ ձեռագիրները, յօդուածները, գրախօսականները եւ դոկումենտալ նիւթերը6։ Ալպօյաճեանի ներքին կեանքը ցոլացնող հետաքրքրական էջեր պէտք է

262


պարունակէ օրագրութեան տետրակը` որ Պ. Գարտաշեանին քով կը գտնուի։ Կը խորհինք որ գրողին մահը տասնամեակ մը բոլորած ըլլալուն, կարելի է անկէ ընտրովի հատուածներ հրատարակել։ Ե. Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին Ֆոնդերէն` 207-րդը Ալպօյաճեանինն է. դժբախտաբար քիչ նիւթեր կան այնտեղ։ Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել Գահիրէի Թորգոմեան Ազգ. Մատենադարանին նուիրած` Ալպօյաճեանի ուղղուած ինը նամակներ, որոնք նոյն Թանգարանը ղրկուեցան այդ շրջանի պատուակալ մատենադարանապետ Պ. Արտաշէս Գարտաշեանի կարգադրութեամբ։ Յիշեալ նամակները` որոնք ծանօթ բանասէրներու եւ գրագէտներու կողմէ գրուած են, իրենց շահեկանութեան համար արտագրած էինք յարմար առիթով հրատարակելու մտադրութեամբ (Պատուակալ Մատենադարանապետին բարեհաճ թոյլտուութեամբ)։ Գիտական բարեխղճութեան համար պարտք կը զգանք յայտնելու` թէ մինչեւ վերջերս կը խորհէինք, որ բոլոր նամակներն ալ անտիպ են։ Սակայն, պրպտումներու ընթացքին, պատահաբար հաստատեցինք` որ անոնցմէ քանի մը հատը նախապէս լոյս տեսած են տարեգիրքերու մէջ։ Նամակագիրներուն կողմէ Ալպօյաճեանի ընծայուած կարեւորութեան եւ ժամանակի գրական հետաքրքրութիւններուն համար, աւելորդ չենք նկատեր անգամ մըն ալ զանոնք հասարակութեան ուշադրութեան յանձնելը։ Անոնք կը հրատարակուին բնագիրներուն համաձայն` ինչ որ նախորդ հրատարակութիւններէն կը տարբերի։ Հիմա որ Ալպօյաճեանի միտքին ամբողջ արտադրութիւնը հայրենի գիտնականներուն տրամադրութեան տակ կը գտնուի, փափաքելի է, որ Գ. Ա. Ֆունդամենտալ Գրադարանը` Նիւթեր հայագէտների գործունէութեան եւ բիբլիոգրաֆիայի համար շարքով լոյս ընծայէ Ալպօյաճեանի կեանքին եւ ուսումնասիրութիւններուն նուիրուած հատորիկ մը, իսկ ծննդեան 100-ամեակին` 1979-ին, անոր անտիպ գործերէն մէկը կամ երկուքը։ Երանի թէ Ազգ. Իշխանութեան յիշողութենէն չվրիպէր եւ հոգեհանգստեան պաշտօնով մը ոգեկոչուէր այս վաստակաշատ հայուն մահուան տասներորդ տարելիցը։

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Այս աշխատութիւնը` Ուսումնասիրութիւն Արբուհի Տիւսաբի, նախապէս լոյս տեսած է Բազմավէպի յաջորդական երեք համարներու մէջ. յետոյ որպէս առանձնատիպ` հրատարակուած է 1901ին (հեղինակին կազմած ցուցակին համաձայն)։ Մխիթարեան աղբիւրներու մէջ 1902 նշանակուած է. ա. Լիակատար ցուցակ գրոց Մխիթարեան տպարանին (1716-1952), Վենետիկ, 1952, էջ 83։

263


Բ. Գրացուցակ Մխիթարեան տպարանին (1716-1960), Վենետիկ, 1960, էջ 31։ 2. Ա. Աբրահամեան, «Մեծավաստակ հայագէտը», Սովետական Հայաստան, 1962, թիւ 6, էջ 33։ Դարերու ընթացքին կազմուած հայ գաղթավայրերու համառօտ պատմութիւնը ուրուագծելու փորձը` սովետահայ պատմագիտութեան մէջ առաջին անգամ կատարած է Մեծարգոյ Փրոֆեսորը, լոյս ընծայելով շահեկան երկու հատորներ (Երեւան, 1964, 1967)։ Հ. Աճառեանի անտիպ աշխատութիւններու ցանկին մէջ յիշուած է Պատմութիւն հայոց գաղթականութեան խորագրով 1193 էջնոց ծաւալուն գործը։ 3. Հանդէս ամսօրեայ, 1962, թիւ 5-8, էջ 316։ 4. Դարձեալ Հ. Ա. Հ.ի ծախքով` հրատարակուած է այս աշխատութեան համառօտւած թարգմանութիւնը, առանց յառաջաբանին։ Խորագիրն է` ϯήμϤϟ΍ ϢϴϠϗϻ΍ ϰϓ ϦϣέϷ΍ ϥΎϴΠϳϮΒϟ΍ ΝΎηέ΁ ϒϴϟ΄Η ˬΔϴΨϳέΎΗ Γήψϧ ˬϡϮϴϟ΍ ϰΘΣ ϡΪϘϟ΍ άϨϣ ˬΓΪΤΘϤϟ΍ ΔϴΑήόϟ΍ ΔϳέϮϬϤΠϟ΍ Ϧϣ, թարգմանիչը` որ Պ. Արամ Մովսէսեանն է, չէ յիշատակուած, ինչպէս նաեւ տպագրութեան տարին։ 5. Ա. Գ. Գրիգորեան, Ա. Ալպօյաճեանի անձնական գրադարանը, «Բանբեր Հայաստանի Արխիւների», 1967, թիւ 2, էջ 231-232։ 6. Նոյն տեղը։

***

Մալկարա 8 Ապրիլ 1901

Սիրելի Պարոն, Ճամբորդութեան մը եւ քանի մը կամքէ անկախ պատճառներով միայն ուշացուցի ձեր նամակին պատասխանը` որուն համար կը խնդրեմ որ ներողամիտ ըլլաք։ Կ’ըսէք թէ որքան եւ համակիր ըլլաք հրատարակչականի մը հիմնարկութեան գաղափարին, այսուհանդերձ համամիտ չէք որ հրատարակչականի մը առաջին գործը ըլլայ հրատարակութիւնը Թլկատինցիին որ եւ է մէկ գործին, նկատելով որ Թլկատինցին դժուարին գրող մըն է, ու նաեւ կը թուիք վստահ ըլլալ թէ` յաջողութեան մասին յուսախաբ պիտի մնան իր համակիրները։ Այսպէս մտածելով` դուք կը շփոթէք հայ հրատարակչականի մը կոչումը` շահու ակնկալութիւններով սարքուած հրատարակչական ձեռնարկի մը pratique գաղափարին հետ։ Գիտէք թէ librairieի յաջողութիւնները որ եւ է գրական գործի իսկական արժանիքին համեմատութեամբ չեն կատարուիր։ Ասոր համար է զոր օրինակ, Ժօռժ Բինէ մը միշտ աւելի պիտի յաջողի (ձեր ուզածին համեմատ) քան Էմիլ Վեռհառնի նման պատկառելի բանաստեղծ մը կամ Անաթօլ Ֆռանսի նման մաքուր արձակագիր մը։ Մեր մէջէն ալ անհնար չպիտի լինէր օրինակներ դուրս առնել։ Բայց անոնք որ` Թլկատինցիին գործերուն հրատարակութեան կ’ուզեն աշխատիլ, բացարձակ յաջողութեան մը ակնկալիքով ճամբայ չեն ելած բնաւ։ Ուրեմն յուսախաբութիւն մը չէ որ կը սպասէ մեզի։

264


Ընդհակառակն` չենք տարակուսիր թէ Թլկատինցիին նման եզական գրողի մը` ժխտական ընդունելութիւն ընէ մեր միջակապաշտ հասարակութիւնը։ Գիտէք հարկաւ` թէ լաւագոյն գրողները միշտ լաւագոյն գնահատուածները չեն եղած իրենց ժամանակին, ու Զօլային պէս հսկայ գրագէտի մըն ալ յաջողութեան գաղտնիքը` իր տաղանդին ամէնէն թանկագին յատկութիւններէն չի բղխիր։ Ուրեմն` réaction առաջ չբերենք Թլկատինցիին գործերուն հրատարակման ձեռնարկին դէմ, ու թողունք որ այդ իսկատիպ գրագէտը իր տաղանդին ուժը հարկադիր ընէ մեր հասարակութեան մտքին վրայ։ Միւս կողմէ, կը գրէք թէ շատ անողոք գտած էք զիս հայ հարուստին մասին իմ գրածներուս մէջ։ Ատիկա` ձեր մտածելու եղանակը կրնայ ըլլալ։ Լաւ կ’ըլլայ որ հրապարակով պաշտպանէք հայ հարուստը։ Կարծիքներու փոխանակութիւնը աւելի օգտակար կ’ըլլայ ընթերցող հասարակութեան` որ այնքան նախապաշարուած է իր գթասիրտ հարուստներուն նկատմամբ, որոնց սիրտը կոտրել չուզեր բնաւ, ապագայ գթութիւններու ծնունդը վիժեցնելու երկիւղով։ Տարակարծիք էք ինծի հետ նաեւ սա խնդրին վրայ թէ` գրականութեան ասպարէզը մեր մէջ իր արժանի դիրքը չունի դեռ։ Դուք կ’ըսէք թէ բառին լայն իմաստով գրագէտ չունինք, որուն հետեւանքն է այսօրուան գրագէտին ճակատագիրը։ Ըստ իս, բառին անձուկ իմաստով գրագէտներ չէին Պարոնեանը, Մամուրեանը, Կոստանդեանը, Դուրեանը, եւն։ Մնաց որ պահանջկոտ չենք մինչեւ հոն` թէ զուտ գրական զբաղումը` գրագէտին կեանքը ապահովէ բացարձակապէս, բայց գրական զբաղումը, մեր մէջ աւա՜ղ, հինգ բարա չարժեր տակաւին իբր կեանքի փոխարինութիւն, եւ, մեր ամենէն աղուոր գրողները, տակաւին «պատուակալ աշխատակից»ներ չե՞ն միթէ մեծ մասով, եթէ երբեք ուղղակի վարձուած խմբագիրներ չեն որ եւ է թերթի։ Պէտք է մանաւանդ, քիչ մը ծայրայեղութեան գինով իսկ, հասարակութիւնը արթնցնել այսպիսի յարգելի ճշմարտութիւններու լոյսին, ուր անոր գիտակցութիւնը դեռ կը քնանայ։ Ըստ իս, լաւ կ’ըլլայ որ, նոր սերունդը, մտածելու այս ուղղութիւններու մէջ, համերաշխութեան կապեր մշակեն իրարու հետ։ Ընդունեցէք, պարոն, իմ յարգալիր բարեւներս։ Արտաշէս Յարութիւնեան

Մատենագիտութիւն Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Կ. Պոլիս, 1923 էջ 143-144։ Վահան Զարդարեան, Յիշատակարան, Տարեգիրք 1942 տարւոյ, Գահիրէ, 1941, էջ 62-63։ Արեւմտահայ գրողների նամականի, գրական ժառանգութիւն, Գիրք VI, Պրակ I, կազմեց եւ ծանօթագրեց Գ. Հ. Ազնաւուրեան, Երեւան, 1972, էջ 225-226։ ***

265


Պարտիզակ, 11-24 Հոկտ. 1906

Մեծապատիւ Արշակ Էֆ. Ալպօյաճեան Կ. Պոլիս

Սիրելիդ իմ Մեծ բերկրութեամբ կը կարդամ Ձեր յօդուածները մանաւանդ անոնք որոնք մեր տոհմային կեանքին կը վերաբերին։ Ձեր մանրակրկիտ պրպտումներուն մէջ շատ հաւանական է որ շահեկան տեղեկութիւններ հաւաքած ըլլաք կարգ մը կարեւոր դէմքերու վրայ. այս մտածումով փափաքեցայ, երբ պարապուրդին Կ. Պոլիս եկայ, տեսակցիլ ձեզի հետ, դժբախտաբար չեղայ կարող փափաքս գոհացնելու։ Գիւղի մը մէկ անկիւնը քաշուած` մարդ չունի ի ձեռին միջոցներ իր սիրած մէկ նիւթը ուսումնասիրելու։ Վերջերս փափաքեցայ Փէշտիմալճեանի վրայ աշխատութիւն մը կատարել, խորհելով որ կարգ մը հետաքրքրական տեղեկութիւններու հանդիպած էք Ձեր հետազօտութեանց մէջ, կը խնդրեմ որ, եթէ ունիք տեղեկութիւններ, հաճիք պատասխանել սա հարցումներուն։ 1.- Փէշտիմալճեան ո՞ւր ծնած է, իր ծնողաց անունները ծանօ՞թ են։ 2.- Ո՞ւր ուսած է իր մանկութեան. ո՞վ եղած է իր ուսուցիչը։ 3.- Գրել, եթէ գիտէք, անեքտօթներ որոնք բուն մարդը կը բարացուցնեն։ Ինծի կը թուի որ Փէշտիմալճեան Էջմիածին ալ գացած է ուսանելու համար, ռուսահայոց մանաւանդ Էջմիածնի վրայ մեծ հմտութիւն կը ցուցնէ, ինչպէս կը տեսնուի իր նամականիին մէջ։ Դարձեալ` Փէշտիմալճեան կարծուածէն աւելի տարեց մեռած ըլլալու է։ Եթէ նշանակեալ ճշտումներուն մասին հաճիք տեղեկութիւն տալ ինծի ըստ կարելւոյն փութով, շնորհակալ պիտի թողուք զիս, որ եմ Ձերդ միշտ անկեղծօրէն Մ. Գ. Ծալեան

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ Գաղատիոյ

***

1911 Յնվր. 18 Անկիւրիա

Սիրելի Ալպօյաճեան, Աշըգեան Խորէն Պատրիարքի կենսագրութիւնը կը գրեմ եւ աւարտելու մօտ

266


է կամ գրեթէ աւարտած է։ Ուշս գրաւեցին Ձեր ըրած համառօտական գրութիւնները 1910-ի ընդրձկ օրացոյցին մէջ, եր. 451-53, եւ կ’ուզէի գիտնալ թէ ինչո՞ւ համար քիչ մը աւելի կէտեր չէք համառօտագրած, Գում-Գափուի առաջին ցոյցը յիշատակած էք, երկրորդը ո՞ւր կը մնայ։ Աշըգեան քանի՞ անգամ հրաժարական տուաւ։ Վերջին հրաժարականը Ազգ. Ընդհ. Ժողովոյ հետ անհամաձայնութեա՞ն հետեւանք է, թէ ուրիշ պատճառ մը ունի։ Նար-Պէյի` Աշըգեանի կողմէ կախակայումը ո՞ր թուականին տեղի ունեցաւ եւ ի՞նչ բացատրութիւն գործածած է կախակայո՞ւմ, պաշտօնէ դադարո՞ւմ, փիլոնազրկութի՞ւն։ Ի՞նչպէս բանաձեւուած է Նար-Պէյի արարքը Աշըգեանի շրջաբերականի մէջ, զոր հարկաւ տեսած էք. Աշըգեանի եկեղեցական-վարչական գործերու մէջ ձեռք առած գլխաւոր խնդիրները որո՞նք են Ձեզի համար։ Մէարիֆի հետ իր ունեցած ընդհարման մասին ի՞նչ գիտէք։ Կը յիշէ՞ք Աւագերէցներու Տեսչութիւնը կամ վերատեսչութիւնը Ազգ. վարժարաններու վրայ։ Կը փափաքէի որ իմ մատնանշած կէտերու եւ հարցումներու մասին Ձեր լաւ գիտցածները հաղորդէք ինծի։ Մեծապէս գոհ պիտի ըլլամ։ Անկիւրիոյ հայ գաղութի մասին ալ որոշ բան մը չկրցանք գտնել։ Ղուկասեան մրցանակին տրուած Ձեր աշխատութեան մէջ, Թիֆլիզ եղած ատենս լսեցի շատ էջեր պիտի ունենանք նուիրուած այս մասին։ Կարելի չէ՞ որ մեզի տրամադրելի ընէք այդ էջերը։ Սպասելով Ձեր արագ պատասխանին, ողջոյններով մնամ աղօթարար Բարգէն Եպս.

Յ. Գ. Յօդուածներու փորձերուն մէջ քանի մը սխալներ վրիպեր են, կը խնդրեմ որ խնամքով նայուի. ես երկրորդ անգամ օրինակեցի որ այդ տեսակ բաներ չպատահին։ Շարունակութիւնը պիտի ղրկեմ հետզհետէ։ Միայն այն թիւերէն որոնք իմ յօդուածներս կը պարունակեն, երկ երկու օրինակ կ’ուզեմ։ Ըսէք Քէչեան էֆ.ին։ Չեմ զիտեր որ նամակս ե՞րբ պիտի հասնի Ձեզի. Անկիւրիա երեք օրէ ի վեր փօստա չգար Պոլսէն։ Թիւնելներու բացուածքները ձիւնով լեցուած սառած են եղեր. 5-6 օր աշխատութիւն պէտք է կ’ըսեն։ Այս տեղ սոսկալի է ձմեռը։ Ձիւնի եւ անտանելի ցուրտի տարի մըն է։ 20 տարիէ ի վեր այսպէս բան տեսնուած չէ կ’ըսեն։ Վառելիքները սղեր են. ածուխի օգգ. 45 փրյ. Ած. ողորմի աղքատներուն։ Ներքին փօստաներն ալ երթեւեկ չեն ըներ։ Սառողներու պատմութիւններ կան։ Վայրի գազաններ շատ կ’երեւան. կ’ըսեն, ճամբաներու վրայ եւ գիշերները քաղաքի ալ կը մօտենան, շուները կը տանին եւ կը պատռտեն։

Մատենագիտութիւն Յիշատակարան, Տարեգիրք 1942 տարւոյ, էջ 76։ ԾԱՆՕԹ. Յ.Գ.ը զանց ըրած է։ ***

267


Եւդոկիա, 20 Դեկտ. 1903

Մեծայարգ Արշակ Էֆ. Ալպօյաճեան Կ. Պօլիս

Ձեր բանասիրական գրուածքները միշտ հաճոյքով կը կարդամ եւ զանոնք գնահատողներէն եմ։ Անցածները հին Մասիսները թղթատելու ատենս 1902-ի թիւ 37 Մասիսին հրատարակած «Այտընեան եւ հայ բանասիրութիւնը» խորագիրը կրող ձեր մէկ գրուածքին մէջ կարդացի թէ Պաղտասար դպիր, Տ. Մեսրոպ 1808-ին, Աւետիքեան 1809-ին աշխարհաբարի քերականութիւններ գրած են։ Որովհետեւ ուսումնասիրութեան մը համար պէտք ունիմ գիտնալու թէ աշխարհաբարի քերականութեան ինչ ձեռնարկներ եղած են անցեալին մէջ, համարձակեցայ ձեզմէ քանի մը բացատրութիւններ խնդրել ձեր վերոյիշեալ տեղեկութեան մասին։ Արդեօք իրա՞ւ է որ այդ յիշուած անձերը այդ թուականներուն աշխ. քերականութիւններ պատրաստած են, եթէ պատրաստած են, տպագրուա՞ծ են եւ ո՞ւր, ո՛ր թուականին, ի՛նչ տեսակ գործեր են։ Այս եւ յարակից պարագաներու մասին եթէ հաճիք նամակով մը ինծի հարկ եղած տեղեկութիւնները տալ, շատ գոհ եւ շնորհակալ պիտի մնամ։ Ձերդ Յովհ. Գազանճեան

Մատենագիտութիւն Վահան Զարդարեան, Յիշատակարան, 1512-1940, Տարեգիրք 1941 տարւոյ, Գահիրէ, 1940, Էջ 111։ ***

Մեծայարգ Արշակ Էֆէնտի Ա. Ալպօյաճեան ի Կ. Պոլիս,

29 Մայիս 1912 Մաղնիսա

Ստացած եմ Ձեր Ազնուութեան 23 Մայիս 1912 թուականն. Աբգարի ի Կ. Պոլիս տպագրուած գիրքերէն մէկը, որ իմ քովս կը գտնուի, անոր մէկ էջը, եւ կամ մէկ էջին լուսանկարը կուզէիք, Ձեր ի հարկէ հրատարակելիք կարեւոր մէկ գործին համար։ Ես իմ կողմէս չ’ուզեցի որոշել էջը, մանաւանդ լաւ լուսանկար քաշող

268


լուսանկարիչ ալ չի կայ ի Մաղնիսա, ուստի աւելի յարմար տեսայ, ի սէր Ձեր Ազնուութեան, նոյն իսկ գիրքը ապահովեալ ծրագրով յանձնեցի Օսմ. թղթատունը ուղղակի Ձեր հասցէին, որպէս զի որ էջն որ ուզէք, նաեւ յիշատակարանն ալ լուսանկարել տալով, վերադարձնէք գիրքը նոյնպէս ապահովեալ ծրարով, որուն համար ապահով եմ արդէն։ Բանասէրի մէջ հրատարակողը ես էի, այդ հրատարակութեանց ներքեւ կ’ստորագրէի «Կապետ», բայց այդ միջոցներուն ստիպուեցայ դադրեցնել, որովհետեւ կառավարութեան կողմէ, մեկնուած էր թէ Կ. ա. պ. ե. տ. «Կեսարիոյ առաջնորդ Պալեան Եպս. Տրդատ» է, բաւական քննութեան ենթարկուեցայ, եւ հազիւ ազատեցի ինքզինքս, բարեկամաց շնորհիւ եւ զանազան համոզիչ բացատրութիւններովս. անցաւ, եւ անցնինք մենք ալ այս մասէն։ Իմ այդ հաւաքածոյ գործն է, 1512էն մինչեւ 1850 հայերէն տպագրուած գիրքերու ցուցակն է, տարիներու վրայ, իրենց առաջին երեսներու եւ յիշատակարաններու ընդօրինակութեամբ, եւ համառօտ ծանօթութիւններով, երեք հատոր պիտի ըլլայ. (1. 1512-1700, 2. 1701-1800, եւ 3. 1801-1850). առաջին հատորը տպագրութեան պիտի տամ, հայ տպագրութեան 400-ամեակի յոբելեանի կատարումէն ետքը. այս մասին դուք ինչ կարծիք կուտաք ինձ։ Հայ տպագրութեան պատմութեան մէջ Զարբհանէլեանի կողմէ իբր Աբգարեան տպագրութեան նշանադրոշմը, իրապէս տեսած չեմ, Զարդարեան եղբայրներն ալ հրատարակեցին իրենց յիշատակարան անուն գործին մէջ. իմ Ձեզ ղրկած Աբգարի մէկ գիրքին առաջին էջը պակաս, կողք ալ չ’ունի, դուք ալ պիտի տեսնաք թէ այդ գիրքին մէջ այդ նշանադրոշմը կը պակսի։ Մաղթելով Ձեզ կարողութիւն եւ երկար ու երջանիկ կեանք մնամ միշտ աղօթարար, Տրդատ Եպս. Պալեան ***

Մեծայարգ Տիար Արշակ Ալպօյաճեան Գահիրէ

Տրիպոլիս, 18 Սեպտ. 1924

Սիրելի բարեկամ, Երէկ իրիկուն ստացայ ձեր 14 Սեպտ. թուակիր նամակը եւ կը փութամ անմիջապէս պատասխանելու։ Թերթօնի մասին պատրաստ եմ ձեզի գոհացնելու ձեր վճարումի պայմաննե-

269


րուն համեմատ։ Արդէն ճիշտ ձեր ուզածին պէս վէպ մը ծրագրած էի թէեւ տակաւին չեմ սկսած գրել, բայց հիմակ, անմիջապէս, պիտի սկսիմ աշխատութեան եւ կը յուսամ որ մինչեւ տասը օր ձեզի բաւականաչափ ձեռագիր կրնամ հասցնել։ Ծանուցումը կրնաք ընել երբոր ուզէք։ Վէպին անունը պիտի ըլլայ ՀԱՅ ՏԻԱՍԲՈՐԱՆ Ժամանակակից վէպ հայ հալածական կեանքէ, որուն գլխաւոր դրուագները տեղի պիտի ունենան Պոլիս, Պուլկարիա, Յունաստան, Ռումանիա, Եգիպտոս եւ Սուրիա։ Միայն թէ բաւական երկարաշունչ բան մը պիտի ըլլայ, թերեւս 150 թերթօն, բայց կը կարծեմ որ հետաքրքրութեամբ պիտի կարդացուի։ Արեւին մինչեւ հիմա գրած եմ վեց յօդուած. 1.- Վերյիշումներ, 2.- Սուրիահայ արձագանգ, 3.- Սուրիահայ արձագանգ (Տրիպոլսոյ դպրոցը), 4.- Սուրիական կեանք (ամառը), 5.- Սուրիական կեանք (Տարեդարձ մը), 6.- Անիրաւ քաղաք։ Վաղն ալ պիտի ղրկեմ նոր թղթակցութիւն մը։ Կը խնդրեմ որ բարեհաճիք 7 յօդուածի փոխարժէքը անմիջապէս ղրկել իմ անունիս չէքով մը Լոնտոնի վրայ։ Եթէ կարելի է ղրկեցէք 10 յօդուածի փոխարժէք որովհետեւ մինչեւ դրամին գանձելս արդէն ուրիշ մէկ երկու յօդուած ալ գրած կ’ըլլամ։ Պիտի ջանամ` ձեր փափաքին համեմատ երգիծական յօդուածներ ալ գրել, բայց ո՛չ միշտ։ Կը սպասեմ ձեր պատասխանին, Սիրալիր բարեւներով մնամ յարգանօք Երուանդ Օտեան

Յ. Գ։ Հա՞րկ է ըսել որ դրամական առաքումները պէտք է յանձնարարական նամակով ընել, որպէսզի ապահով ձեռքս հասնին։ նոյն Մատենագիտութիւն Յիշատակարան, Տարեգիրք 1941 տարւոյ, էջ 107-108։ ***

Գրական Եղբայրներէս Յարգոյ Տիար Արշակ Ա. Ալպօեաճեան Հոս

Սթամպօլ Ուրբաթ իրիկուն Վաճառատան մէջ

Ուրախ եմ որ այսօր իմ. – նախկին Կեդրոնականցի. – Ձեզի. – նմանապէս`

270


կարծեմ, – այս երկտողը գրելու համար, իրարու ներկայացուելու պայմանադրական արարողութիւններէն շատ աւելի վեր. – գրական կռուանի մը վրայ. – հաճոյալի ու հրապարակային առիթ մը վիճակուի ինծի։ Հիմա կարդացի վերջին մասն ալ Ձեր Գրախօսականին` ուր ծայրէ ծայր անկեղծ դիտողութիւններու շարք մը, նոյնքան անկեղծ գոհունակութիւնով մը լեցուց սիրտս։ Թերեւս ուզեմ սակայն, առաջիկային, իմ պատասխան-դիտողութիւններս դնել հակառակ նժարին մէջ, համապատասխան լրջութիւնով ու բարեացակամութիւնով մը. – ինչ որ պարտքս է. – բայց հիմակուհիմա, վայրկենական առաջին տպաւորութեանս տակ անկարելի է ինծի, անհուն կերպով շնորհակալ չըլլալ Ձեզի, մէկէ աւելի պատճառներով։ Սկիզբէն ի վեր. Պօլիսի մէջ. – մեր միտքի կեդրոնը իբր թէ – գիրքիս վրայ թռուցուած, թեթեւ, կարճոկրճատ, ոչնչաբանութիւններու – գովեստ կուզէ ըլլայ ան թէ պարսաւ, – մէջ առաջին, կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը կուգայ ըլլալ Ձեր Գրախօսականը, որչափ ալ որ դեռ պակասաւոր ըլլայ ան։ Ինծի համար, ինչ որ հազուագիւտ է, թանկագին է մասնաւորապէս անոր համար որուն կը նուիրուի։ Երկրորդ. լուրջ ու բարեացակամ ըլլալու անբաղդատելի առաւելութիւնը ունեցաւ ան։ Իմ ճանչցած անշահ, անձնականութիւնով լեցուն ու վիրաւորիչ քննադատականներուն շարքին մէջ։ Յետոյ. իմ ուզած անձիս ձեռքովը, իմ ուզած թերթիս մէջ միայն. եղած Գրախօսականը, տարօրինակ չէք գտնար անշուշտ որ հաճելի ըլլայ ինծի. որչափ որ շատերը կարծեն կամ ուզեն կարծել թէ ինծի աննպաստ ոզիով ուղղուած ըլլայ ան։ Այս առաջին առիթով, շնորհակալութիւններուս հետ. – ջերմագին, – հաճեցէք ընդունիլ եղբայրական յարգանքիս հաւաստին։ Մատենագիտութիւն Յիշատակարան, Տարեգիրք 1941 տարւոյ, էջ 109-110։ ***

Օ. Չիֆթէ-Սարաֆ

37, Rue Breteuil, Marseille 9. 7. 27

Ազնիւ եղբայրակից, Շնորհակալութեամբ ստացայ ձեր հոյակապ երկը, եւ շնորհապարտ եմ ձեզ այն սրտաբուխ համակրանքին համար որով հաճած էք պատուել ու խրախուսել

271


զիս, եւ այն վեհանձն ոգիին համար որով հաճած էք գնահատել ազգային ծառայութիւններս։ Սակայն ձեր հատորին մէջ անճշդութիւններ ալ կրցած են սպրդիլ։ Գլխաւորապէս անոր համար որ ձեռքի տակ չէք ունեցած օտարալեզու լրագրիս հաւաքածոն ու արդէն հրատարակած ներկաներս։ Մտադիր եմ նշանակել ու հրատարակել այդ սխալները, որքան որ ներէ առողջական վիճակս, որպէսզի երկու կողմէ լսած ըլլանք ձեր քննած խնդիրները։ Ձեր անաչառութեանը վրայ վստահ, պիտի սպասեմ ձեր դատաստանին։ Հիացումս յայտնելով ձեր հսկայ գործին համար եւ կրկնելով խորին երախտագիտութեանս հաւաստին, կ’մնամ յարգալից զգացումներով։ Ակնածալից ողջոյնս բարձրաշնորհ Թորգոմ Սրբազանին։

Ձեզ անձնուէր Մինաս Չերազ

Մատենագիտութիւն Յիշատակարան, Տարեգիրք 1942 տարւոյ, էջ 14-15։ ***

Յարգելի Պարոն Արշակ Ալպօյաճեան ի Գահիրէ

27 Սեպտ. 1927 Երուսաղէմ

Ազնիւ Սիրելի Մինաս Չերազէդ օրինակ մը հաճած էիր նուիրել ինձ, որուն համար խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։ Մեծանուն Գրագէտ-Գործիչին 60-ամեայ Յոբելեանին առթիւ հրատարակած այդ պատուական ուսումնասիրութիւնդ արժանի է բարձրագոյն տեղ մը գրաւելու մեր արդի գրականութեան ու կեանքի պատմութեան մէջ։ Ոչ ոք կատարեալ է անշուշտ իբրեւ մարդ, եւ ձեր մատնանշած այն թերութիւնները` որոնք ժամանակինն են մանաւանդ քան Յոբելեարին` իրրեւ շուքեր աւելի կը պայծառացնեն այն պատկառելի դէմքը զոր ա՛յնքան սիրած եւ մեծարած ենք ամէնքս ալ։ Գործդ` իր ամբողջութեամբը` կը նկատեմ ուրեմն շքեղ պսակ մը դրուած անո՛ր գլխուն` որ ապրեցաւ իր ցեղին բարւոյն համար միայն, ժամանակակից եւ

272


ապառնի սերունդներու կտակելով հայ ոգիին հարազատ պատկերացումը։ Ընդունէ՛, ազնիւ սիրելի, սիրոյս հաւաստիքն ու հայրական օրհնութիւններս.

Մատենագիտութիւն Յիշատակարան, Տարեգիրք 1942 տարւոյ, էջ 53։

Սղօթարար Եղիշէ Արքեպս. Դուրեան

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 24 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.256 26 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.257 27 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.258 28 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.259 29 Յունիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.260

273


ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔՆԵՐԸ ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՆՏԻՊ ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ Ա.

Գրական հոսանքներու ինչպէս նաեւ գրագէտներու ձգտումներուն համապատասխան խմբաւորումներու ամենաճիշտ սահմանումին համաձայն` Արշակ Չօպանեան «գրական նոր շրջանի կարեւորագոյն դէմքերէն է, որուն բերած նպաստը իրապաշտ շարժումին ամէնէն վճռականը ու տեւականը եղած է Արփիարեան-Զօհրապ-Բաշալեան-Կամսարական գրական գծին վրայ` իբր նորավիպագիր եւ իբր գեղապաշտ արձակագիր»1։ 1889-ին` դեռ տասնեօթնամեայ պատանի մը, Պոլսոյ Արեւելքին աշխատակցելով, ուշադրութիւնը գրաւած է գրական շրջանակի յառաջապահ դէմքերու, որոնք` քանի մը տարի ետք, գործակցութեան հրաւիրած են զինք ժամանակին ամէնէն կարեւոր օրաթերթին` Հայրենիքի խմբագրական կազմին մէջ։ Գեղապաշտ եւ հայրենասէր ուսուցիչներէ դաստիարակուելով` «Չօպանեան առաջիններէն եղաւ այն բացառիկ սերունդին, զոր Կեդրոնականը պարգեւեց ազգին եւ որ կոչուած էր ուշագրաւ դեր կատարելու արեւմտահայ վերածնունդի մէջ հանրային կեանքի բազմաթիւ ասպարէզներու վրայ»2։ Համբաւը` գրեթէ իր նախաքայլերուն հետ, միշտ անբաժան կը մնայ իրմէ եւ երբ համիտեան բռնակալութեան հեղձուցիչ մթնոլորտէն ճողոպրելով` վերջնականապէս կը հաստատուի Ֆրանսա, կը դառնայ «ամէնէն անուանի հայը ֆրանսական ոստանին մէջ, եւ մէկը, որ յանուն հայութեան ձայն բարձրացնելու իրաւունք» ունեցաւ3, երկար տարիներ իր կեանքն ու տաղանդը մեր դժբախտ դատին նուիրելով4։ Կարելի է ըսել` թէ եզական երեւոյթ մըն է իր 25-ամեայ, 35-ամեայ, 50-ամեայ, 60-ամեայ եւ 65-ամեայ յոբելեաններու արժանանալը։ Միայն 25-ամեայ յոբելեանն է` որ թէեւ ծրագրուած է, բայց չէ տօնուած Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին պատճառով։ Այս առիթով, Մեծ Պէշիկթաշցիին` իր կրտսեր թաղեցիին գրած երկու նամակներէն կը քաղենք ժամանակակիցներուն հոգածու վերաբերումը ցոյց տուող հետեւեալ հատուածները. Այս վայրկեանիս պ. Շահմուրատեան, որուն հետ թէյ կ’առնէինք, թելադրութիւն մը ըրաւ ինծի, զոր ես ինքնաբերաբար չյղանալուս համար ամօթով եմ` այն է քու գրական եւ ազգային կրկնապէս գեղեցիկ գործունէութիւնդ տօնել, յոբելեան հանդէսով մը։ ... գրեթէ

274


քառորդ դար մը անցաւ այն օրերէն, այն յաւէտ անցեալ ու անդառնալի օրերէն ի վեր, ուր այստեղ սկսար մեր պզտիկ խումբին մէջ դուն` կրտսերը մեր ամէնուն, առաջին դէմք ըլլալ ու պարտաւորել զմեզ, ծափերու սպասողներս, որ մենք զքեզ ծափահարենք։ ... Միսմինակդ ըրիր, ինչ որ շատեր միացած չէին կրնար ընել։ ... Բայց ես քու ներբողներդ ընելու չեմ, թէ որ ողջ մնամ կ’արտասանեմ ու կը թուեմ զանոնք պէտք եղած բեմէն. իմ ըսելիքս սա է, որ իսկոյն փարեցայ, ցնծութեամբ փարեցայ զքեզ, քու տաղանդդ եւ քու հայկական սիրտդ տօնելու սխրալի գաղափարին։ Ուստի հոս մասնախումբ մը պիտի կազմեմ քեզ սիրողներէն, ու քու վրադ հիացողներէն, որոնք շա՜տ են, իսկոյն գործի պիտի ձեռնարկեմ5։ Երկու ամիս ետք, նախնական աշխատանքները տեղեկացնելու համար, Զօհրապ կը գրէ. Քու յոբելեանիդ յանձնաժողովը կազմելու համար նախնական խօսակցութիւններն սկսած եմ. ամէնքն գուշակելը դժուար չէր, սիրով կը պատասխանեն հրաւէրին, ոմանք կը կանխեն զայն, ասիկա կը հաստատէ, որ ես առանց գիտնալու թերեւս հանրային զգացումին թարգման եղայ եւ ոչինչ աւելի։ Չերազին կամ ուրիշի յոբելեանին վրայ հիմա ժամանակը չէ մտածելու, պէտք է, որ քուկինդ պանծալի բան մը ըլլայ. ե՞րբ պիտի կրնաս գալ. յառաջիկայ ամառ թէ միւսին, ես ատոր վրայ չեմ մտածեր բնաւ, յետոյ ով ըսաւ, որ գալ ամառ չես կրնար գալ հոս. դեռ շատ մը ամիսներ ունինք եւ ղուն մանաւանդ մեր Հայկ. դատին բարեյաջող վախճանէն կազդուրուած առանց խանգարելու առողջութիւնդ, պիտի կրնաս, վստահ եմ, որ պիտի կրնաս, այս երկարին ճամբորդութիւնը կատարել6։ Չօպանեանի իրաւամբ բազմահարուստ գրական ժառանգութիւնը կորուստէ փրկուելով, դարձած է Ե. Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին 133-րդ Ֆոնդը, որուն ամփոփած միաւորներու քանակը 50,000 է7, կամ նորագոյն տուեալներու համաձայն` «վաւերագրերի թիւը հասնում է շուրջ 70,000-ի»8։ Իսկ «նրա արխիւում այժմ պահպանւում են 35 հազարից աւելի նամակներ, որոնց զգալի մասը կապուած է խմբագրական աշխատանքի հետ»9։ Ուրիշ աղբիւր մը կը հաստատէ, թէ «Չօպանեանի ստացած նամակների թիւը իր արխիւում հասնում է շուրջ 29,000-ի, իսկ եթէ դրանց վրայ աւելացնենք իր գրած նամակների մի մասի սեւագիր պատճէնները, ապա նրանց գումարը կը հասնի շուրջ 34,000-ի»10։ Այդ հազարաւոր նամակներէն ինը հատը ուղղուած են 1895-ի Զէյթունի ապստամբութեան ղեկավարներէն` Ապահի, որուն յեղափոխական-հասարակական աշխոյժ գործունէութիւնը ամփոփող հարուստ արխիւը ամբողջութեամբ աչքէ անցընելու բախտաւորութիւնը ունեցած ենք։ Ապահի հարսը` Տիկին Նելլի Պետրոսեան, իր մօտ հոգածութեամբ պահած եօթը գլասէօրները յանձնեց Արեւի նախկին խմբագիր Պ. Էտմոն Կոտալազեանին (Երուանդ Ազատեան), Պէյրութի

275


մէջ պատրաստուելիք Ռ.Ա.Կ.ի պատմութեան համար օգտագործելու նպատակով։ Տիկ Ն. Պետրոսեանի անունով` ՉԱԳԱԹին նուիրուեցան Չօպանեանի ինը նամակները եւ Օտեանէն մէկ նամակ։ Իր ատենին` Չօպանեանի իւրայատուկ թոյլ ձեռագրէն մեր արտագրած նամակները Արեւի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Չօպանեանի եւ Ապահի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով։ Կը կարծենք, որ այս նամակները առաջին անգամ ըլլալով հասարակութեան կը ներկայացուին, որովհետեւ Երեւան ղրկուելէ ետք, անոնց բովանդակութեան մասին ակնարկութեան չհանդիպեցանք տակաւին։ Նամակները գրուած են համիտեան բռնապետութեան շրջանին, երբ հայ զանգուածները կ’ապրէին քաղաքական անշնչելի մթնոլորտի մը մէջ։ Հասարակական, քաղաքական ինչպէս նաեւ գործնական հարցերէ զատ, Չօպանեան իր նամակներուն մէջ ազատագրական պայքարի ցուցմունքներ կ’ընէ։

Բ.

Անցեալ դարու վերջերը Կիլիկիոյ մէջ յեղափոխական շարժումներու ղեկավարներէն եղած է Ապահ Պետրոսեան։ 1872ի Ծնունդի առաւօտը` Արաբկիրի Պերենկէ թաղամասին մէջ լոյս աշխարհ կու գայ մանուսագործ Պետրոս Գմգմեանի տասներկուերորդ եւ վերջին զաւակը, որ Աւետիս կ’անուանակոչուի11։ Պատանեկութեան շրջանին, տեղւոյն առաջնորդ Եզնիկ եպս. Ապահունիի կողմէ` Աւետիսը կը վերածուի Ապահի։ Յետագային, երբ Պօղոս Նուպարի յանձնարարութեամբ, Գահիրէի Երկաթուղիի վարչութեան մէջ պաշտօնի կը կոչուի, իր հայրանունը կը վերածէ ազգանունի։ 1895-ի Զէյթունի ապստամբութեան կազմակերպիչներէն եւ գործօն դերակատարներէն մէկը ըլլալուն` անունը անջնջելի կերպով կ’արձանագրուի այդ հերոսական արարքի պատմութեան մէջ։ Իր տիրացած համբաւին շնորհիւ` կը ծանօթանայ հայ եւ եւրոպացի քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ, երբ Փարիզ կ’այցելէ. այդ օրերուն է, որ կը մտերմանայ նաեւ Ա. Չօպանեանի հետ։ Ունեցած է կուսակցական-հասարակական բեղուն գործունէութիւն։ Հրատարակած է Պատասխանատուները խորագրով պրակը` 1906-ին, եւ իր յուշերը ամփոփող հատորիկը` Հայ արծիւներու բոյնը, 1918-ին։ Մարմինայի գերեզմաննոցը մեծ հայրենասէրներու աճիւններ կ’ամփոփէ. Ապահինն ալ անոնց կողքին է։ ***

276


Paris, 14 Rue Roger Collard 22 յունիս 97

Սիրելի Ապահս, Նամակդ առի, եւ իսկոյն կը պատասխանեմ։ Շատ գոհ եղայ նամակիդ մէջ տիրող խոհական ոգիէն։ Բայց ներէ ինծի որ շարունակեմ պնդել առջի անգամ ըսածներուս վրայ։ Ես չեմ հաւատար որ Տաճիկները կ’ուզեն բնաջինջ ընել. եթէ ուզէին, մինչեւ հիմա շատոնց ըրած լմնցուցած էին. շատ դիւրին է իրենց համար, խոստովանինք։ Անոնք մեզ հալածելու ելան այն օրէն որ տեսան թէ մենք անհաւատարիմ ենք, զատուիլ կ’ուզենք, եւ մեզ ջնջելու որոշում տուին այն օրը երբ կարծեցին թէ մենք անոնց պետութիւնը պիտի կործանենք. եւ բնական էր։ Եթէ հիմա, մեզի տրուած պատիժէն խելքերնիս գլուխնիս եկած, հանդարտ կենանք, եւ յստակօրէն հասկցնենք տաճիկներուն թէ մեր ուզածը միմիայն հանգստութիւն, արդարութիւն էր եւ թէ մենք երբեք տաճկէն բաժնուիլ չէինք ուզեր, չեմ կարծեր որ տաճիկը մեզ ջնջել շարունակէ։ Տաճիկը առանց պատճառի հայը չի ջնջեր. մանաւանդ որ` անոր անհրաժեշտ պէտք ունի, ապրելու, տեւելու համար։ Ընդհակառակն, Տաճկին այսօրուան դժուարին կացութեանը մէջ, եթէ Հայը նոր դժուարութիւններ հանելէ հեռու, մօտութիւն ցուցընէ տաճկին, երկրին զօրացումը եւ հանդարտացումը փափաքիլը յայտնէ, տաճիկը զանի բոլորովին հանգիստ կը ձգէ, նոյնիսկ առաջուընէ աւելի ազատութիւն կու տայ որ ապրի, վաստկի զարգանայ։ Եւ այսպէս կ’ըլլայ կոր արդէն։ Պոլսոյ մէջ լրագրական գրաքննութիւնը հիմա աւելի թոյլ է քան յառաջ (մեղք որ շնորհքով գրող չմնաց հոն), եւ գաւառներուն մէջ տնտեսական, ազգային, դպրոցական, բարեգործական ահագին շարժում մը կայ ամէն տեղ (Բիւզանդիոն լրագիրը աչքէ անցուր եւ կը տեսնես)։ Կորուստը դարմանելու ատենն է հիմա, եւ հրէշային ոճիր մը կը գործենք եթէ այս վերականգնումի երկայն եւ կենսական գործը խանգարենք քաղաքական նպատակներ թաքուցանող շարժումներ վերսկսինք, կասկածներ յարուցանենք եւ նորէն հալածանքներու եւ արգելքներու տեղի տանք։ Անշուշտ այս մեր քաղաքականութեան յանկարծական փոփոխութիւնը խրոխտ բան մը չէ, բայց մեզի պէս հոգեվարքի հասած ազգի մը համար խրոխտ ըլլալու ատենը չէ. տես, Ֆրանսան` Գերմանիայէն յաղթուելէն ետքը` ինչ խոհեմ շարժեցաւ. հակառակ բանաստեղծներուն որոնք վրէժ կը պոռային, զգալով որ տկար էր, կլլեց իր ցաւը, հանդարտ կեցաւ, ու առանց ձայն ձուն հանելու, ջանաց կորսնցուցածը գտնել, հարստացաւ, զարգացաւ, ամրացաւ, եւ դեռ այդ ուղղութիւնը շարունակելու վրայ է, սպասելով որ բաւական զօրաւոր ըլլայ ուզածը ընելու համար։ Մենք ալ այդպէս ընելու ենք։ Կը կարծեմ որ ասկից ետքը, առանց պատճառի, կազմակերպուած ջարդերու անկարելի ըլլալուն համոզուած եմ, եւ երկու տեսակէտով. նախ` որ չեմ կարծեր

277


թէ տաճիկը առանց պատճառի մտածէ հայերը ջնջելու. երկրորդ` եթէ ատի ըլլայ իսկ, եւ տեղ մը կասկած առաջ գայ որ ջարդ կը պատրաստուի, կը բաւէ իսկոյն իմացնել հոս ինծի, եւ անմիջապէս կը դիմեմ ուր որ անկ է, եւ առաջքը կ’առնուի. այսպէս եղաւ երկու անգամ, Հաճընի եւ Չօք-Մարզուանի համար. եւ երկու անգամն ալ կատարելապէս յաջողեցաւ։ Եւ այդ գործին մէջն ալ, անկեղծ ըլլանք, ջարդ կազմակերպուելուն պատճառն ալ նորէն Հայերն էին. Չօք-Մարզուան` յեղափոխականներ մտած էին, եւ Հաճընէն ալ անշուշտ տաճիկները կասկածած էին որ ապստամբութիւն մը կը պատրաստուի։ Այս ամէնքը պատճառ մը չեն որ բացարձակապէս համակարծիք ըլլամ թէ պէտք է ժողովուրդը ամէն տեղ զինուի։ Միայն սապէս կը մտածեմ. պէտք է որ մեր ժողովուրդը զինուի, չէ թէ որովհետեւ վաղը ջարդեր պիտի ըլլան եւ պէտք է ատոնց դէմ ինքզինքը պաշտպանելու պատրաստուի, այլ որովհետեւ ամօթ է արդէն որ ժողովուրդ մը զէնք ունենալ չգիտնայ, եւ ժողովուրդը զինելը պէտք չէ որ ըլլայ հապճեպ, հաւաքական ու խորհրդաւոր ձեւով մը, ... եթէ այս տեսակ զէնքի բաշխումներէն մէկը երեւան ելլէ (եւ անպատճառ օր մը չէ օր մը երեւան կ’ելլէ), ատիկա իսկ պատճառ մը կ’ըլլայ որ ջարդ կազմակերպուի եւ խելացի բան մը չէ երեւակայական ջարդին առաջքը առնելու համար իրական ջարդ կազմակերպելու պատճառ ըլլալ։ Ժողովուրդը պէտք է ինքնին վարժուի կամաց կամաց զէնք ունենալու եւ վերջին դէպքերը ատիկա պիտի սորվեցնեն իրեն, աւելի քան ամբողջ յեղափոխական ընկերութիւնները։ Պէտք եղածը ան է որ հանդարտութիւն ըլլայ, ժողովուրդը իր դիրքը գտնէ, աշխատի, վաստկի, հարստանայ, կալուածները շատցնէ, երկիրը բռնէ, բազմանայ, մեծամասնութիւն կազմելու ճամբուն մէջ մտնէ. ան ատենը, ինքնին արդէն ամէն մարդ զէնք մըն ալ կ’առնէ եւ ասի դիւրացնելու համար մեծ կարեւորութիւն տալու է դպրոցին, թէ շնորհքով դպրոցներու շնորհքով դասատուներ ունենանք, տղաքը առջի օրէն, (ստրուկներ եւ իմաստակներ ըլլալու տեղ` ինչպէս ընդհանրապէս եղած են մինչեւ հիմա), կը սորվին թէ ինչ ըսել է մարդ ըլլալ, ինքզինքը պաշտպանել գիտնալ։ Ասիկա աբգ է սկսիլ է. բայց ինչ կ’ուզես, պէտք է միշտ ծայրէն սկսիլ, վերջին աղէտքները անոր համար եկան որովհետեւ յանկարծ վերջին տառերուն ցատքեցինք։ Եւ համոզելու համար քեզ թէ շատ անգամ նոյն իսկ առանց ուզելու` ինչպէս մենք պատճառ կ’ըլլանք ջարդի, ներէ որ օրինակ մը տամ քեզի։ Կիլիկիոյ համար հոս, Աղեքսանդրիա, Գահիրէ եւ Կիպրոս անցած խօսակցութիւնները այնչափ տարածուեր են եւ անանկ գոյն մը առեր են, որ ոչ միայն ամբողջ ազգը բանի մը կը սպասէ կոր, այլ կառավարութիւնն ալ (որ մենէ առաջ կ’իմանայ) խստութիւններ ձեռք առնելու սկսած է եւ խստութիւնները աւելի առաջ պիտի տանէր եթէ հոս պէտք եղած միջոցները ձեռք չառնէինք։ Եւ գիտե՞ս տարածուած խօսքերը մինչեւ ուր գացեր են. Գահիրէէն Բարիզ գտնուող հայու մը գրուած նամակի մը

278


մէջ կարդացի (քու նամակդ առնելու նախընթաց իրիկունը) թէ... Ապահը Կիլիկիա մտեր է եւ ապստամբութիւն պիտի պատրաստէ, եւ Բարիզ ալ Նուպար փաշայի նախագահութեամբ զօրաւոր ընկերութիւն մը կայ որ պիտի օգնէ այս գործին. այս տեղեկութիւնները գրողը առեր է ուղղակի տեղւոյն հնչակեան կեդրոնէն... կ’երեւակայես ինչպէս կատղեցայ այս տողերը կարդալով։ Ապահով էի որ Կիլիկիա մտած ըլլալդ սուտ էր, բայց այս տեսակ խօսքերու տարածուիլը ամենէն մահացու վնասը կը բերէ մեզի։ Եւ յետոյ, ա՞ս է ամենազգուշ եւ ամենախոհեմ միջոցներով գործելը, ինչպէս կը գրես։ Հաւատա, անանկ կացութեան մը հասած ենք ուր բնաւ չգործելը աւելի օգտակար է թերեւս, որովհետեւ դէպքերը ինքնին պիտի վարեն մեզ, եւ իրերու բնական տրամաբանութիւնը պիտի մղէ ժողովուրդը դիզուելու, բազմանալու հոն ուր պէտք է, եւ հոն զօրանալու. ձգելու է որ ատիկա ինքնին ըլլայ, (ինչպէս ալ կ’ըլլայ կոր) այդ շարժումին օգնելու է հեռուէն, շատ ընդհանուր գծի մը մէջ։ Եւ մանաւանդ չխօսիլ, ինչ որ գործելու էն աղէկ ձեւն է։ Ու յուսահատելու բան չունինք։ Ընդհակառակն։ Այս հանդարտ ճամբով շատ բան կայ ընելու։ Ու ազգը ապագայ ունի։ Գրէ ինծի շատ գոհ կ’ըլլամ. երկրէն առած տեղեկութեանցդ վրայ ալ գրէ երկարօրէն. կրնամ օգտուիլ եւ օգտակար ըլլալ ատով։ Սիրով ու կարօտով քեզ կը համբուրեմ ***

Ա. Չօպանեան

Վիեննա Hotel Holler 2, Burg Gasse 30 Օգոստ. 97

Սիրելի Ապահս, Ի՞նչ մտածեցիր արդեօք` քու այն շատ կարեւոր վերջին նամակիդ այսչափ ուշ պատասխանելուս։ Իսկոյն բացատրեմ որ ուշ պատասխանելուս միակ պատճառը ուշ ստանալս է։ Ամիս ու կէսէն աւելի է որ հեռացած էի Բարիզէն. շատ տկարացած, հիւանդ ըլլալով, պէտք ունէի հանգիստի, եւ Զուիցերիա գիւղերը գացի. բոլոր այն միջոցին` նամակներս Բարիզ ձգեցի` որ յոգնութիւն չունենամ։ Հոս, Վիեննա հասնելուս` գրեցի Բարիզ որ նամակներս ղրկեն։ Բայց կը ցաւիմ որ այսչափ ուշանալէ յետոյ, կազդուրիչ պատասխան մըն ալ չունիմ տալու։ Սուէտիայի նամակը զիս տակնուվրայ ըրաւ։ Ատանկ տպաւորու-

279


թիւն շատոնց չէի ունեցած։ Խեղճ, խեղճ ժողովուրդ։ Ի՞նչպէս կարելի է հանդուրժել ատ կեանքին։ Տեսնենք այս franco-russe allianceին ամրանալը` բարենորոգումները գործադրելու պիտի նպաստէ՞։ Այս վերջին դէպքերուն մէջ` Տաճկին խեր չեմ տեսներ կոր. Անգլիան` Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ կը մօտենայ, եւ Գերմանիոյ դէմ, հետեւաբար Տաճկաստանի դէմ, ճնշում պիտի բանեցուի` կարծեմ։ Ամէն պարագայի մէջ, դեռ սպասելու պարտք ունինք մենք։ Եթէ այդ կացութիւնը շարունակէ, չեմ հասկնար որ հանդուրժէ ժողովուրդը։ Բայց ես մինչեւ հիմա գրածներս կը հիմնէի այն տեղեկութեանց վրայ որոնց համեմատ ժողովուրդը շատ հանգիստ էր Կիլիկիոյ մէջ։ Եթէ այդ տեսակ ահռելի բաներ շարունակեն, խնդրեմ, ինծի այդպէս մանրամասն տեղեկութիւններ ղրկէ. Բարիզ դարձիս, ատոնցմով անպատճառ պէտք է աղմուկ հանեմ. այս franco-russe հանդէսներէն յետոյ, արեւելեան խնդիրը ձեռք պիտի առնուի. ճիշտ ժամանակն է հայոց քաշած հիմակուան չարչարանքները ցուցընելու եւ réformeներուն գործադրութիւնը պահանջելու։ Գալով քու անձնական առաջարկութեանդ, շատ կը ցաւիմ, ամենասիրելի եղբայրս, որ բացարձակապէս անկարող եմ բան մը ընելու. Մանաւանդ որ հոս մինակ եմ, եւ չեմ գիտեր ինչ կ’ընեն, ինչ կ’ըլլան կոր բարեկամները։ Հոս, վանքը, մեր հին պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ թաղուած եմ, ընդարձակ գործ մը պատրաստելու համար։ Եւ սա ալ ըսեմ, որ ես իսկ չեմ գիտեր թէ ի՞նչ պիտի ընեմ յառաջիկայ ձմեռ։ Երկու դասի յոյս ունիմ ան ալ անտեւական, եւ այդչափ միայն։ Նամակդ (ներփակ նամակներուն հետ) ղրկեցի Աղասիին12։ Գրեցի ալ իրեն որ շուտ պատասխանէ քեզ։ Մի վհատիր պէրիտի Աստուածը մեծ է. ապահով եղիր որ աղէկ օրերը պիտի գան։ Սիրով ու կարօտով կը համբուրեմ քեզ. բարեւներ Պ. Սըվազլեանին13 ***

Արշակ

Paris, 6 Place de l’Odéon 8 Նոյեմբեր 97

Սիրելի Ապահս, Կը ներես ուշ պատասխանելուս վերջին նամակիդ զոր ղրկեր էիր Վենետիկ եւ զոր Բարիզ դարձիս ստացայ։ Հոս գալէս ի վեր, հազար հոգեր եւ զբաղումներ արգելք եղան որ քեզի գրէի։ Կը ցաւիմ որ բարեւդ չկրցայ հաղորդել Հ. Ալիշանին.

280


որչափ ուրախ պիտի ըլլար սիրուն ծերունին. թէ Վենետիկ եւ թէ Վիեննա, եւ ամէն տեղ, Զէյթունի աղուոր դիւցազներգութիւնը, որուն մէջ դուն այնքան խրոխտ դեր մը ունիս, հիացում եւ ուրախութիւն պատճառած է։ Շնորհակալ եմ իմ ապագայ աշխատութեանս մասին յայտնած բարեկամական զգացումներուդ համար։ Վիեննա եւ Վենետիկ, իրօք, շատ նոր ու գեղեցիկ նիւթեր ժողովեցի գրելիք գործերուս համար։ Մաղթէ որ բոլոր դիւրութիւնն ու միջոցներն ունենամ ամբողջ ուզածս իրագործելու։ Ազգային կացութեան վրայ կարծիքս կը հարցընես։ Պիտի կրկնեմ ինչ որ արդէն ըսած եմ։ Ահագին սխալ մը ըրինք, զայն դարմանելէն ուրիշ բան չունինք, հիմա. եւ զայն կրնանք դարմանել հանդարտ կենալով, աշխատելով, զօրանալով, եւ պատրաստուելով։ Պէտք չէ յուսահատիլ. ընդհակառակն, ասկից ետքն է որ պիտի սկսի ճշմարիտ, խոհական գործունէութիւնը։ Գալով réformeներուն, շատ կարելի է որ Յունաստանի եւ Կրետէի խնդիրներուն կարգադրումէն յետոյ (որ` որչափ ալ ուշանայ` վերջապէս անպատճառ պիտի տեղի ունենայ), Եւրոպա պիտի պահանջէ Սուլթանէն երկիրը բարեկարգել` նոյնիսկ եւրոպացի financierներու շահուն համար. գալ ապրիլին Գերմանիոյ կայսրն ալ Պոլիս Երուսաղէմ պիտի երթայ, այդ անցքը անշուշտ խաղաղեցուցիչ եւ բարեկարգիչ ազդեցութիւն մը կ’ունենայ տաճկաստանի վրայ. Գերմանական շահերը աւելի քան երբեք զօրաւոր են Տաճկաստանի մէջ, եւ Գերմանիա պիտի ուզէ որ իր գործերուն համար` Տաճկաստան բարեկարգ ըլլայ։ Պէտք է ուրեմն թողուլ որ Եւրոպան ինքնին ընէ ինչ որ պիտի ընէ. ինչ որ արիւն թափեցինք` հերիք է. անոր օգուտը քաղելու համար սպասենք. ալ չխառնուինք բանի մը, ալ աղմուկ եւ դժուարութիւն չհանենք. մեր շարժելովը մեզի վնաս կը հասցնենք, եւ եւրոպացիներն ալ կը նեղացնենք եւ կը զզուեցնենք։ Դրօշակեաններու վերջին ըրածները գարշելի ոճրագործութիւններ են. անցած օր հոս սալօնի մը մէջ Պոլսոյ Ֆրանսական հիւպատոսը տեսայ, որ հայասէր եւ ազնիւ մարդ մըն է. դառնութեամբ խօսեցաւ դրօշակեաններու ցոյցերուն դէմ, «որոնք շատ մեծ չարիք հասուցին հայկական դատին, ինչպէս ըսաւ. Հայերը պէտք է հիմա հանդարտ կենան, ուրիշ բան չունին ընելու»։ Ամենուս ալ պարտքն է ուրեմն ամէն կրցածնիս ընել որ դրօշակեանները անկարող դառնան նորէն չարիք հասցնելու։ Քեզի եւ ընկերներուդ համար մանաւանդ, սրբազան պարտք մըն է ամէն բան ընել որ Կիլիկիան զերծ մնայ այդ դիւահարներուն դաւերէն։ Պէտք է դրօշակեաններուն մէջէն անկեղծ եւ միամիտ ազնիւ տղաքը, խաբուածները համոզել եւ ուղիղ ճամբու դարձնել, իսկ շահագործողներուն, զուտ սրիկաներուն դէմ մաքառիլ. մեղք է ժողովուրդը։ Քու գործիդ համար, ամբողջ սրտովս կը փափաքիմ որ յաջողիս։ Հոտ, եթէ ըսածիդ պէս հող մը ունենաս, շահագործես եւ ապրիս, կրնաս շատ օգտակար ըլլալ, Կիլիկիոյ վրայ միշտ լարելով ուշադրութիւնդ, եւ միութեան գիծ մը ըլլալով երկրին եւ մեր մէջ։ Ինչո՞ւ չես գրեր ուղղակի փաշային կամ Տիկին Նուպարին.

281


անոնք քեզ իրենց զաւկին պէս կը սիրեն. ես ըսի արդէն հող մը բռնած ըլլալուդ գաղափարը, եւ շատ ուրախ եղան. աւելին չեմ կրնար ըսել, չեմ ուզեր որ արդէն միջնորդի պէտք ունենաս. դուն ինքնիրենդ կրնաս գործդ յաջողցնել. գրէ, ըսէ որ գործ մը սկսած ես, եւ խնդրէ փոքր գումարը որուն պէտք ունիս գործդ ի կատար հանելու եւ ամբողջ կեանքդ ապահովցնելու համար. կ’ուզեմ որ յաջողիս, եւ իսկոյն, նոյն իսկ ազգային շահերու համար։ Կը սպասեմ լուրերուդ, եւ սիրով կը համբուրեմ քեզ բարեւներս Պ. Սըվազլեանին Ա. Չօպանեան Խնդրեմ, Professeur Geddas-ին հաստատած գործին վրայ որուն ես շատ կը համակրիմ, ինծի մանրամասն տեղեկութիւն տուր. այդ գործը պէտք է մեծնայ, ամրանայ, ընդարձակուի. Կիպրոսը օր մը Կիլիկիոյ վրայ բացուած լուսաւոր աչք մը կրնայ ըլլալ։ --Ուրիշ ծառայութիւն մըն ալ պիտի խնդրեմ. եթէ Զէյթունի հետ ուղղակի յարաբերութիւն ունիս, կ’ուզեմ ունենալ Զէյթունի պատերազմի, որսի եւ սիրոյ երգերը. գրէ մէկուն որ նոյնութեամբ գրի առնէ անոնց գլխաւորները, քանի մը բացատրողական տեղեկութիւններով, եւ ինծի հասցուր. պէտք ունիմ։ ***

Paris, 6 Place de l’Odéon 14 Դեկտ. 97

Սիրելի Ապահ, Արտաքոյ կարգի բաներ կ’անցնին կոր Կիլիկիոյ մէջ. ինչո՞ւ չես գրեր։ Ատ ինչ ոճիր է որ գործեր են Մերսինի մարդիկը։ Ի՞նչպէս կարելի է գործել` այսուհետեւ։ Ա՞յս տարրերով է որ գործել կ’առաջարկէիր կոր։ Լաւագոյն չէ՞ր հանդարտ կենալը։ Եղած չարիքներուն վրայ ահաւոր չարիքներ աւելցան` մերիններուն յանցանքով։ Լրագիրներուն մէջ կարդացի որ Զէյթունը պաշարուած է. եւ նամակէ մը իմացայ որ Նազարէթ իշխանը ձերբակալուած է Հաճընի մէջ. իմացայ միանգամայն Կիլիկիոյ մէջ սկսած հալածանքները. ի՞նչ կ’անցնի կոր. մանրամասնութիւններ ղրկէ ինծի, եթէ ունիս, մանաւանդ Զէյթունի վրայ. ամբողջ շահուածը մէկ հարուածով վրայ չերթայ։ Եթէ տեղեկութիւն չունիս, ջանա ունենալ։ Պէտք է գիտնանք թէ ինչ կ’անցնի Կիլիկիոյ ներսերը, Զէյթունի մէջ, եւ ուրիշ տեղեր։ Ճշգրիտ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ կ’ուզեմ։ Սպասելով` անհամբեր` նամակիդ, սիրով ձեռքերդ կը սեղմեմ. ***

282

Ա. Չօպանեան


Բարիզ, 6 Place de l’Odéon 4 Մարտ 98

Սիրելի Ապահ, Շատոնց է որ նամակդ ստացած եմ։ Ուշ գրելուս պատճառներէն մէկը` շատ զբաղած ըլլալս է, միւսն ալ` եւ գլխաւորը` վերջին շատ հարեւանցի նամակիդ մէջ խոստացած ընդարձակ նամակիդ չգալն է։ Այս տողերը կը գրեմ` պարզապէս յիշեցնելու համար խոստումդ։ Մասնաւորապէս Զէյթունի երգերը ուզած էի քենէ. անոնց մասին խօսք անգամ չէիր ըրեր։ Ինծի շատ կարեւոր է այդ երգերը ունենալ. խնդրեմ, միջոց մը գտիր եւ հասցուր ինծի զանոնք։ Շատ ուրախ եղայ գործի ըլլալդ իմանալով. գոհ եմ որ քեզի տուած խորհուրդս յաջողեր է. ապահով էի որ եթէ անձամբ դուն նամակով մը դիմէիր մեր ազնիւ բարեկամներուն, խնդիրդ պիտի կատարուէր իսկոյն։ Գիտես որ փաշան մահուընէ ազատեցաւ. շատ ծանր հիւանդ էր, վիրաբուժական գործողութիւն կատարել ստիպուեցան. դիմացաւ, եւ հիմա աղեկնալու վրայ է. (եթէ Պօղոս փաշան չէ իմացած, չելլես դուն իրեն յայտնես այս լուրը. կարելի է գաղտնի պահած են` չեմ գիտեր)։ Ասատուրին երկտողը կարդացի բայց ընդարձակ եւ բազմակողմանի նամակը դեռ չառի. բարեւէ զինքը իմ կողմէս։ Սպասելով ուրեմն երկայն նամակիդ, սիրով կը համբուրեմ աչուըներդ։ ***

Ա. Չօպանեան

Բարիզ, 8 Դեկտ. 98

Սիրելի Ապահ, Գոհ եղայ քենէ վերջապէս լուր առնելով։ Ծերունին14, ըսածիդ պէս, տկար է։ Այս օրերս գացի, բայց չկրցայ տեսնել. վար չիջներ կոր. սակայն չափազանց ծանր չէ դեռ վիճակը։ Կը զարմանամ որ Աղասիին մասին տեղեկութիւն կը հարցնես ինծի։ Իմացած ըլլալու ես որ ամէն յարաբերութիւն խզած եմ, շատոնց, այդ գռեհիկ սրիկային հետ։ Քենէ միշտ պահած եմ շատ սիրուն յիշատակ մը, եւ մտքէդ մի անցըներ որ Աղասիին հետ կրնամ շփոթել։ Պարզ հոգիով տղայ մըն ես, զինուոր մը եւ պէտք չունիմ յիշեցնելու թէ որչափ կը սիրէի քեզ։ Ապահով եղիր որ այնչափ կը սիրեմ

283


քեզ նորէն։ Եւ սրտանց կը մաղթեմ որ վիճակդ բարւորի։ Բայց նոյն իսկ այդ վիճակիդ մէջ, գոհ եւ հպարտ եղիր. աշխատութեամբդ հացդ կը ճարես կոր. շատ աւելի երջանիկ ու բարձր ես դուն Աղասիէն որ իր բարեկամներուն դաւելով իր կացութիւնը ապահովեց։ Կ’ըսես թէ Գէորգ Ասատուրը Սուտան գնաց։ Բայց ինձմէ խնդրած էր որ հինգ օրինակ Անահիտ15 ղրկեմ իրեն, որպէսզի բաժնէ։ Բնաւ չպատասխանեց, թէեւ ղրկեցի։ Ի՞նչ եղան այն թիւերը։ Եթէ չեն բաժնուած, չէի ուզեր որ կորսուին. առաջին թիւը պակսեցաւ արդէն, եւ պէտք ունիմ։ Կ’ըսես թէ Գահիրէէն եթէ ետ դարձնողներ ըլլայ, քեզի իմացնեմ։ Շնորհակալ եմ որ կ’ուզես օգտակար ըլլալ Անահիտին. նշանակուած հասցէներէն մինչեւ հիմա 10 հոգիի չափ ետ դարձուցին. եւ ցաւալին այն է որ մեծ մասամբ հարուստ մարդիկ են. հասարակ ժողովուրդը աւելի քաջալերող ու սիրող կ’երեւայ։ Ահա անունները. եթէ կը կարծես որ կարելի է համոզել այդ մարդիկը, կրցածդ կ’ընես. Տիրան Փիլիպոսեան Մարտիկ Քէրէսթէճեան Օհաննէս Եազըճեան Եագուպ Արթին փաշա Տրդատ Զօհրապեան եւ Ընկ. Ջ. Քէրէսթէճեան Կարապետ Մաթոսեան Բիէռ Բոլատ Կարապետ Գրիգորեան (Մինիէ) Արթին Սարգիսեան (Սոհակ) Café arménien, tenu par M. Sarkis ataba-el-Kadra

***

Քոյդ սիրալիր բարեւներով Ա. Չօպանեան Բարիզ, 6 Place de l’Odéon 3 Յուն. 99

Սիրելի Ապահս, Քեզի բան մը պիտի առաջարկեմ, զոր կը խնդրեմ եւ կը յուսամ որ պէտք եղած խորհրդապահութեամբը կատարես։ Հասկցած ըլլալու ես ինչո՞ւ չընդունեցայ Աշոտ Օհանեանին առաջարկը գործակալս ըլլալու։ Այդ տղան, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, յանցանք

284


մը գործեց Կիլիկիոյ մէջ իր անխոհեմ եւ աններելի վարմունքովը, ես այդ տեսակ բաները չեմ մոռնար. կ’ուզեմ գործակալ ունենալ պարզ հայ երիտասարդ մը որ որեւէ անցեալ չունենայ, ոչ ալ կուսակցական գոյն։ Ինծի Աղեքսանդրիայէն շատ յարգելի անձ մը կ’առաջարկէ որ Գահիրէի համար ինծի գործակալ ընտրեմ սա անձը։ Arakel Papazian Chez Boehme et Anderer Քեզի կը յանձնեմ այս գործը. կը խնդրեմ որ հաճիս այդ տղան տեսնել եւ առաջարկել իմ կողմէս. եթէ ընդունի, իմացիր իր պայմանները, եւ իսկոյն գրէ ինծի։ Դուն ասիկա կրնաս ընել, առանց ոեւէ թիւրիմացութիւն յառաջ գալու։ Շատ գոհ եղայ վերջին սիրուն նամակէդ. կը ներես որ առայժմ երկայն չեմ կրնար գրել։ Ուրիշ անգամ։ Շատ տարիներ կը մաղթեմ քեզի, եւ կը սպասեմ դիմումիդ արդիւնքին։ ***

քոյդ Ա. Չօպանեան

Սիրելի Ապահ, Այս առտու ընդունեցայ տարօրինակ նամակդ, եւ իսկոյն կը պատասխանեմ զգացած զարմանքս եւ ցաւս յայտնելու համար։ Անահիտի 1-2 թիւը, քեզի ղրկուած էր, կորսուեր է, ինչպէս ասի պատահած է եւ կը պատահի շատերու. երրորդ թիւը ստանալէդ կրնայիր հետեւցնել որ ուղարկման մէջ դադար տեղի ունեցած չէ, այլ թիւի մը կորուստ։ Ի՞նչպէս կրցար երեւակայել որ ես քեզի ղրկած Անահիտս կարող եմ դադրեցնելու գաղափարն ունենալ` բաժնեգինի վճարման կամ ոչ վճարման գռեհիկ ու աննշան պատճառներով։ Քեզի Անահիտ ղրկել սկսած ատենս, երբեք «իբր բաժանորդ» չնկատեցի քեզ, այլ իբր բարեկամ մը. եւ եթէ չվճարէիր դուն, մտքէս պիտի չանցնէի բաժնեգին ուզել։ Եթէ նոյն իսկ կասկած մը ունեցար, – ինչ որ ինքնին արդէն աններելի է, – պէտք էր որ նախ գրէիր ինծի, բացատրութիւն ուզէիր, եւ ատով բաւականանայիր։ Անխորհուրդ եւ անբարեկամական վարմունքդ զիս նեղացուց ու խորապէս վշտացուց։ Քեզ պիտի պատժեմ` դատապարտելով քեզ երբեք բաժնեգին չվճարելու Անահիտին զոր պիտի ստանաս որչափ ատեն որ տեւէ։ Բարիզ, 23 Մարտ 1900 քոյդ Ա. Չօպանեան

285


Շատոնց (2-3 ամիս) է որ Գահիրէի գործակալէս, Աշոտ Սեդրաքէն ոեւէ լուր չունիմ, այս երկրորդ տարեշրջանին բաժնեգիններէն դեռ ոչինչ ղրկած է ինծի։ Եթէ տեսնես, ըսէ որ շուտով գանձէ եւ շուտով ղրկէ ինծի։ ***

Յարգելի Տիկին Ա. Պետրոսեան, Խորին ցաւով իմացայ Ապահին մահը։ Մօտէն ճանչցած էի զինքը այն օրերուն երբ Զէյթունի դիւցազներգութենէն յետոյ Աղասիին հետ եկաւ Փարիզ, եւ իր պարզ, անկեղծ ազնիւ նկարագիրը սիրած էի։ Կը յիշեմ այն գուրգուրանքը զոր մեծ Նուպարը ունէր անոր համար։ Քաջ ու մաքուր հոգի մըն է որ մեր ազգը կը կորսնցնէ վաղաժամ, մեր կուսակցութիւնը կը զրկուի իր մեծ ու ընտիր մէկ անդամէն։ Սրտագին վշտակցութիւնս Ա. Չօպանեան Փարիզ, 15 Մարտ 1928

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ 7 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.291 8 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.292 9 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.293 10 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.294 11 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.295 12 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.296

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Հ. Մեսրոպ Վ. Ճանաշեան, Պատմութիւն արդի հայ գրականութեան (Վերածնունդի շրջանէն մինչեւ մեր օրերը), հտ. Ա., Վենետիկ, 1953, էջ 494։ 2. Յ. Ճ. Սիրունի, «Արշակ Չօպանեան», Նոր կեանք, շբթ., Պուքրէշ, 2-6-1972։ 3- Գրիգոր Զօհրապի 9 Յուլիս 1909 թուակիր նամակը` ուղղուած Ա. Չօպանեանին։ Տես` Արեւմտահայ գրողների նամականի. գրական ժառանգութիւն, կազմեց եւ ծանօթագրեց` Գ. Հ. Ազնաւուրեան, Գիրք Զ., Պրակ 1, Երեւան, 1972, էջ 44։ 4. Գ. Զ.ի 18-31 Յունուար 1914 թուակիր նամակը` ուղղուած Ա. Չ.ին։ Նշ. աշխ., էջ 50։ 5. Գ. Զ.ի 17 Նոյեմբեր 1913 թուակիր նամակը` ուղղուած Ա. Չ.ին։ Նշ. աշխ., էջ 48-49։ 6. Նոյն տեղը, էջ 53։ Գ. Ազնաւուրեան այս յոբելեանին մասին անուշադրութեամբ կը գրէ, թէ «համընկնում էր նրա գրական գործունէութեան 30-ամեակին», էջ 410, ծանօթագրութիւն թիւ 2։ 7. Ուղեցոյց Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի Գրական Ֆոնդերի, կազմեց`

286


Գոհար Ազնաւուրեան, Երեւան, 1962, էջ 125։ 8. Գոհար Ազնաւորեան, «Արշակ Չօպանեանի նամակներից», Սովետական գրականութիւն, 1972, թիւ 6, էջ 123։ 9. Գ. Խ. Ստեփանեան, Արեւմտահայ գրողների նամականի, Առաջաբան` էջ 18։ 10. Գ. Ազնաւուրեան, նշ. աշխ., էջ 123։ 11. Գ. Ազնաւուրեան` իր կազմած Արեւմտահայ գրողների նամականի ժողովածուին «Անձնանունների բառարան» բաժնին մէջ, էջ 488, Ապահին մկրտութեան անունը սխալմամբ Պետրոս նշանակած է, իսկ ծննդեան տարին` 1874։ 12. Աղասի. Բուն անունով Կարապետ Թուր Սարգիսեան, ծնած է Հաճըն` 1871-ին։ Ղեկավարած է Զէյթունի 1895-ի ապստամբութիւնը։ Եւրոպա ապաստանելէ ետք, վայելած է Նուպար փաշային հովանաւորութիւնը, որով կրցած է հետեւիլ Ֆրանսայի երկրագործական բարձրագոյն վարժարանի մը դասընթացքներուն։ Յետագային մեկուսացած ապրած է Փարիզի մերձակայքը եւ մեռած է 1940-ին։ Հեղինակած է` - Զէյթուն եւ իր շրջակաները, Պէյրութ, 1968։ Այս մասին տես` Աղասիի Զէյթուն եւ շրջականեր գիրքը հակասութիւններով, Հրտ. Մոնթէվիտէոյի եւ Սան Բաւլոյի Զէյթունի Հայրենակցական Միութիւններու, Պէյրութ, 1969, 62 էջ։ Այս աշխատութիւնը Արշակ Չօպանեանի թարգմանութեամբ լոյս տեսած է ֆրանսերէն` Zeïtoun: depuis les origines jusqu’à l’insurrection de 1895, Préface de Victor Bérard, Paris: Édition du Mercure de France, 1897, 318 p. - Դարձեալ Չօպանեանի թարգմանութեամբ` L’assassinat du Père Salvatore par les soldats turcs, Témoignages d’Aghassi, un des quatres chefs de l’insurrection de Zeïtoun, Préface de Pierre Quillard, Paris: Édition du Mercure de France, 1897, 45 p. - Դիւցազներգութիւն մը` Զէյթունի հերոսները, Գահիրէ, 1900։ - Յուշեր` «Մոռցուած հերոս»ներու շարքը, լոյս տեսած Ամերիկայի Երիտասարդ Հայաստանի մէջ։ 13. Սըվազլեան. Կ’ենթադրենք` որ Միհրան Սըվազլըն ըլլայ, Հնչակեան ապա Վերակազմեալ Հնչակեան գործիչը։ 14. Ծերունին. Եգիպտոսի նախկին նախարարապետ Նուպար Փաշան է, որ իր կեանքին վերջին օրերը կ’անցընէ։ 15. Անահիտ. հրատարակուած է Փարիզի մէջ 1898-1911, 1929-1940, 1946-1949 տարիներուն։ Յ. Ճ. Սիրունի կը հաստատէ, թէ Չօպանեան Անահիտը «դարձուց պատկառելի բեմ մը, ուրկէ անընդհատ խօսեցաւ ինքը եւ խօսեցուց հայ մտքի ճիգը հին եւ նոր օրերու մէջ», (Նոր կեանք, 2-6-1972)։ Գրչեղբայրներու նամակներէն քաղուած երկու հատուածներ` ցոյց կուտան Չօպանեանի անձին եւ գործին նկատմամբ ցուցաբերուած խանդաղատանքը. ... Բեղմնաւոր գործի մը ձեռք զարկիր, որուն մէջ նորէն պիտի կրնաս տալ լիուլի մեր ազգին, ինչ որ քենէ կը սպասէ, նորէն զալով զրաւելով տեղդ, որ քուկդ էր եւ որ բաց կը մնար։ Ես քեզի միայն մէկ բան կը մաղթեմ, միւսները ամբողջ ունիս, լիակատար յաջողութիւնը, որ քեզի միջոց տար անխափան շարունակելու այս ձեռնարկդ, տալու անոր այն ընդլայնումը, որ կրնայ ունենալ, առանց նիւթական դժուարութիւնները գալու իրենց տգեղ դերը խաղալու այս այնքան գեղեցիկ գործին մէջ։ (Լ.

287


Բաշալեան, Լոնտոն, 1898 Նոյ. 8)։ ... Բայց կը մոռնամ, որ քննափետի դերէն շատ աւելի գործնական դեր մը ունիմ կատարելու` գործակալի դերս... Մտածելով, որ գոնէ սկիզբները ամսաթերթիդ նիւթականը նեղ է գուցէ, ներփակ կը ղրկեմ քեզի չէք մը Քրետի Լիոնէի վրայ վասն Ֆրանքի 240, զոր հետզհետէ գանձելի բաժանորդագրութիւններէ վար կը դնեմ վերջէն մինչեւ 20 բաժանորդագին... (Սիսակ Արմէնեան – Տ. Կամսարական, Աղեքսանդրիա, 1898 Նոյ. 22)։ Տես` Արեւմտահայ գրողների նամականի, Երեւան, 1972, էջ 151, 55։

288


ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ԼԵՒՈՆ ԲԱՇԱԼԵԱՆԷՆ

ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ ՆՈԹԵՐ Հարիւրամեայ հնութեան կնիքը վրան նամակ մըն է ստորեւ հրատարակուողը` սովորական թերթ մը թուղթ` 20x16.5 սմ. մեծութեամբ, ծալուած չորս երեսներուն վրայ գրուած սահուն ձեռագրով։ Նամակագիրը Նոր կեանքի խմբագիր Լեւոն Բաշալեանն (1868-1943) է։ Գրուած է Լոնտոն` 13/2/1899ին, ուղղուած` թերթին աշխատակիցներէն, իր «Սիրելի բարեկամ»ին` Միքայէլ Ս. Կիւրճեանին (1878-1965), անոր Մարտիկ աղա վէպին հրատարակութեան առնչութեամբ։ Որպէս «գործի» նամակ` գրուած է շատ հապճեպ` առանց նկատի առնելու, որ օր մը կրնայ հրատարակուիլ եւ հանրութեան սեփականութիւնը դառնալ։ Իր շօշափած մանր հարցերով, գրականագէտներուն ուշադրութեան յանձնուող այս նամակը կրնայ հետաքրքրական նկատուիլ Կիւրճեանի, այս վէպի ստեղծագործական պատմութեան համար։ «... Անդրշիրիմեան ... ձայներ, – պիտի ըսէր գրականագէտ Գառնիկ Ստեփանեան, – ... մեր ականջին յուշում են բաներ, որոնք չգիտենք, չենք կարող իմանալ որեւէ այլ տեղից»1։

ԼԵՒՈՆ ԲԱՇԱԼԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ2

Լոնտոն, 13/2/[18]99

Սիրելի բարեկամ, Ճշմարիտ հաճոյք մը կը զգամ կոր այս բարեկամ բառը ձեզի տալու։ Ինծի անանկ կուգայ կոր որ ես ձեզ շատոնց կը ճանչնամ, թէեւ շիտակը չեմ յիշեր տեղ մը հանդիպած ըլլալ ձեզի։ Ձեզի պիտի գրեմ երկարօրէն։ Հիմակ լոկ գործի նամակ մը պիտի ըլլայ ասիկա։ Մարտիկ աղան – որ, հակառակ ուրիշներէն ինծի անբաղդատելի վայելքի ժամեր անցընել կուտայ միշտ – Մարտիկ աղան առաջին գլխով աւարտելու առաջարկութիւններդ կ’ընդունիմ։ Բայց, ան ատեն, անպատճառ, վերջաբան մը պէտք է, թէ ոչ պոչը կտրած բան մը պիտի ըլլայ։ Կրնա՞ք այսպիսի բան մը յարմարցնել։ Ձեր բեղմնաւոր մտքին մէջ` այսպիսի հնարք մը դժուար պիտի

289


չըլլայ գտնել։ Այն ատեն, փութալու է։ Փետրուար 1ի թիւին մէջ երեւցաւ Զ. գլուխը, եւ գրաշարը հիմակ շարելու վրայ է Է գլուխը` յաջորդ թիւին համար։ Ձեր յաւելումները եւ զեղչումները ի նկատի առած եմ։ Բնա՛ւ հոգ մի ընէք թէ ձեր իսկութիւնը ոեւէ կերպով երեւան կը հանենք ասկից։ Արդէն շիտակը կ’ուզէք, ինծի եղած հարցումներուն չպատասխանեցի անգամ3։ Ես ազատ եմ թերթին մէջ ուզած նիւթս դնելու, եւ ի՛մ միայն գիտնալիք բանս է հեղինակին ո՛վ ըլլալը։ Հիմակ անշուշտ քիչ շատ մնացած ըլլալու է հեղինակը փնտռելու տենդը։ Աւելի հանգիստ քուն մը ունիք հիմա անշուշտ։ Բայց ան ինչ վայելք մը եղած ըլլալու է ձերինը, կը կրկնեմ, որ ի տես ձեր շուրջը պոռչտող կատաղութիւններուն, որոնց թերեւս դուք ալ մասնակցելու անբաղդատելի հաճոյքը տուիք ինքզինքնուդ! Ինքզինքնիդ չափազանց վարկաբեկ ըրեր էք ձեր incognitoին վրայ հաստ խաւ մըն ալ աւելցնելու համար։ Շիտակը կը դժուարանամ կոր ձեզի չափ անգութ ըլլալու ձեզի նկատմամբ։ Բայց երեւակայեցէ՛ք անգամ մը, երբ Աղեքսանդրիացիները այդ կարդալնուն ըսեն. «Պէ օնտա՞ն նէ՛ իսթէրլէր քիմ. խուսիկ-փուսիկ պիր չօճուք, սէսի չըքմազ։ Պու արթըք էտէպսիզլիին սօ՛ն տէրէճէսի. Պու հա՞նկը չաբկընըն իշի»4։ Շուտ վերջաբան մը, բայց աղէ՛կ բան մը։

ԳՐԱՊԱՏՄԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ձերդ սիրով Լեւոն Բաշալեան

Արեւմտահայ վիպագրութեան ձեւաւորումի շրջանէն սկսեալ` ԺԹ. դարու 5060ականներուն, եւ անոր զարգացումի յետագայ ընթացքին, կան դէմքեր, որոնց ստեղծագործութիւններուն տեղը եւ արժէքը կ’որոշուի պատմական ժամանակաշրջանին մէջ միայն։ Անոնք ուղեկից գրողներն են, որոնց գեղարուեստական ձեռքբերումները կապուած են գրականութեան զարգացումի տուեալ շրջափուլին հետ։ Այդ գրողները` իրենց ժամանակին կ’արձագանգէին օրուան ազգային եւ հասարակական ամէնաբազմազան խնդիրներուն, կը նպաստէին գրական շարժումի միտումներուն կազմաւորումին։ Անոնք արձակի ոլորտ կը բերէին նիւթի եւ ոճերու բազմազանութիւն, գրական ուղղութիւններու տարատեսակ դրսեւորումներու արձագանգ։ Մեծ գրականութեան յաւակնութենէն հեռու ըլլալով, այդ ստեղծագործու-

290


291


թիւնները ճանաչողական որոշակի արժէք ունին, որոնց գիտական քննութիւնը անհրաժեշտ է հայ գրականութեան պատմական ընթացքին համակողմանի իմացութեան տեսակէտէն5։ Արեւմտահայ գրական-գեղարուեստական շարժումին մասնակից գրողները` յատուկ նախանձախնդրութեամբ, գրական հրապարակը կ’ողողէին առօրեայ անցուդարձերու, հասարակական-ազգային կեանքի մանրամասն գեղարուեստական պատկերներով` բարձրացնելով գրականութեան դերին նշանակութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ստեղծուած այս գրականութիւնը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ հետազօտելու ԺԹ. եւ Ի. դարու սկիզբի արեւմտահայ գրական կեանքին պատկերը, բացայայտելու օրինաչափութիւնները, որոնք` ընդհանուր ըլլալէ զատ, ինքնայատուկ եւ տեղային են` հետամուտ ըլլալով հայութեան մտաւոր եւ ընկերային քաղաքական դրսեւորումի արձագանգներուն, մամուլի եւ գեղարւեստական ձեւերու մշակումին6։ Քաղաքական երգիծանքը եղած է հայ գրականութեան ԺԹ. դարավերջի ոճական առանձնայատկութիւններէն մէկը, որուն ուղղութիւն տուողը` իր բազմասեռ երկերով, Երուանդ Օտեանն է (1869-1926)։ Գրական այդ երկերուն օրինակով ասպարէզ եկած են այլ երգիծաբաններ ալ։ Անոնցմէ մէկը Բաշալեանի նամակին «Սիրելի բարեկամ»ը, արձակագիր Միքայէլ Ս. Կիւրճեանն է7։

ՎԷՊԻՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

1898-1899ին Լոնտոնի Նոր կեանք հանդէսին մէջ` Պարոյր ծածկանունով, լոյս կը տեսնէ Կիւրճեանի Մարտիկ աղա քաղաքական երգիծավէպը, որ անմիջապէս հասարակական քննարկումի առարկայ կը դառնայ8։

Այդ յուզումին ատենն էր – կը պատմէ Երուանդ Օտեան, – երբ օր մը Շարապասէն Ալեքսանդրիա գացի ուր կը գտնուէր Արփիար [Արփիարեան] որ կը պատրաստուէր վերադառնալ Լոնտոն։ Խեղճը փորձանքի հանդիպած էր Մարտիկ աղային պատճառաւ։ Լեւոն Բաշալեան գաղտնաբար Արփիարի իմացուցած էր Պարոյրին ո՛վ ըլլալը, սակայն պատուիրելով որ ինէ զատ ո՛չ մէկուն յայտնէ։ [...] Հոն հասնելուս հետեւեալ օրը Արփիար խորհրդաւոր շեշտով մը ըսաւ ինծի, երբ Մէնշիէի հրապարակը նստած էինք։ – Եկուր քեզ Պարոյրին տանիմ։ – Ո՞ւր է որ։ – Տեղ մը մեզի կը սպասէ կոր, քեզի հետ ծանօթանալ ուզեց, միայն թէ խօսք պիտի տաս որ մէկու մը չպիտի յայտնես անունը։ Խոստացայ եւ միասին ուղղուեցանք Շէրիֆ փաշա փողոցը. յետոյ կողմնակի փողոց մը մտանք եւ կանգ առինք «Զօլա» կոչուած շաքարավաճառի մը խանութին առջեւ։ [...]

292


Ներս մտանք եւ տեսանք որ անկիւն մը նիհար ու տժգոյն տղայ մը նստած է. – Ահաւասիկ Պարոյրը, ըսաւ Արփիար։ – Բայց բուն անո՞ւնը։ Միքայէլ Կիւրճեան։ Նստեցանք եւ սկսանք իրարու հետ տեսակցիլ։ Առաջին վայրկեանէն ջերմ համակրութիւն մը զգացինք փոխադարձաբար, իրարու հանդէպ, համակրութիւն մը որ յետոյ, կամաց կամաց, հաստատուն ու բարեկամական անխառն սիրոյ մը փոխուեցաւ9։ Յետագայ զարգացումներուն իրազեկ, Օտեան կ’ամբողջացնէ իր յիշատակները յայտնելով. [Ա]յս վէպին յարուցած գայթակղութիւնը այնքա՜ն մեծ էր որ ի վերջոյ Նոր կեանք ստիպուեցաւ զայն կարճ կապել, ամբողջ գլուխներ կրճատելով, այնպէս որ հազիւ թէ կէսը հրատարակուած է։ Եւ այդ պակասաւոր վիճակին մէջն էր որ Ամերիկայի Ազգը զայն քանի մը տարի առաջ արտատպեց10։

ՄԱՐՏԻԿ ԱՂԱ ՎԷՊԻՆ ՅԵՏԱԳԱՅ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Դարձեալ նոյն յուշերուն մէջ Օտեան կը յայտնէ թէ «տարիներ անցնելէն ետքն ալ Պարոյրի դէմ գրգռումը չանցաւ Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութին մէջ, եւ ի վերջոյ, երբ իմացուեցաւ անոր իսկական անունը, ճշմարիտ հալածանք մը սկսաւ Միքայէլ Կիւրճեանի դէմ, այն աստիճան որ խեղճը, քաղաքին մէջ հանգիստ ապրելու համար, ստիպուեցաւ հրապարակաւ յայտարարել թէ «Մարտիկ Աղան գրելով գրական ճախա մը ընել ուզած էր որուն համար կը զղջար»11։ Ըստ երեւոյթին, Կիւրճեանի փորձառութիւնը այնքան ծանր եղած էր, որ ան յետագային ալ մերժեր էր հրատարակութեան տալ Մարտիկ աղա «վէպին երկրորդ հատորը։ – Արդարեւ, ինչպէս Երուանդ Ազատեան կը վկայէ` – Անօգուտ անցան բոլոր խնդրանքներս որ ի վերջոյ լոյս աշխարհ հանէր իր նշանաւոր վէպին շարունակութիւնը»12։ Այդ յիշատակները աւարտին հասցնելով, Օտեան կը յարէ. Լոնտոն գտնուած միջոցիս, երբ սրտերնիս նեղանար գիշերները, Լեւոն Բաշալեանի հետ կը հանէինք Մարտիկ աղայի անտիպ մնացած ձեռագիրները, եւ զանոնք կարդալով հաճելի ժամանց մը կ’ընծայէինք մենք մեզի13։

Որպէս ընդհանուր բնութագրում, արեւմտահայ գրականութեան առաջին պատմագիրը` Արփիարեան, իր «Գրական յուշքեր»ուն մէջ այսպէս կ’արտայայտուի. Արեւմտեան հայոց հիմակուան գրականութեան սկզբնաւորութիւնը 1890-էն կարելի է

293


թուագրել. առաջին հանգրուանը դէպի նոր կեանքի մը ժամադրավայրը։ Այդ գրականութիւնը պարբերական մամուլին մէջ օթեւանեցաւ եւ տակաւին հոն ասպնջականիլ կը շարունակէ, ո՛չ միայն Պոլիս եւ Իզմիր, այլեւ արտասահման ալ14։

ԿՐԿՆՈՒԱԾ ԹԻՒՐԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Կիւրճեանի եւ վէպին մասին` հրատարակութենէն տասնամեակ մը ետք, առաջին անգամ կը գտնենք մատենագիտական հակիրճ տեղեկութիւն մը. Գրական débutն ըրած է Արփիար-Բաշալեանի Նոր-կեանքին մէջ (1898, Հոկտ.էն սկսեալ) հրատարակելով Մարտիկ աղա վէպը, գաղթականական եւ կեղծ-յեղափոխական ու հերոսական բարքերու ծաղրածութիւն մը15։ Սակայն, իր մանրախոյզ հետազօտութեան ընթացքին, արդի հայ գրականութեան պատմաբան Հ. Մեսրոպ վ. Ճանաշեան (1908-1974) ակամայ թիւրիմացութեան ենթարկուած է, երբ Մարտիկ աղային մասին արտայայտուելով, կը գրէ. Օտեանի երգիծաբանական վէպերէն մին է, որուն տակ ստորագրած է Պարոյր կեղծանունը16։ Բոլորովին զարմանք պատճառող ուրիշ յայտնութեան մըն ալ կը հանդիպինք ժամանակակից յուշագրողի մը մօտ։ Արձակագիր Ստեփան Կուրտիկեան գտնուած է Պուքրէշ` որպէս Փրոֆ. Յակոբ Ճ. Սիրունիի (1890-1973) անձնական հիւրը։ Իր հիւրընկալին ձեղնայարկի «Ճգնաւորի խուց»ին մէջ տեղի ունեցած զրոյցներէն մէկուն ընթացքին, օր մը Սիրունի յայտնած է. – Օտեանի հետ մտերմացայ յատկապէս 1923 թ., երբ ան Պոլիսէն փախուստ տալով, եկած էր Պուքրէշ, ուր իրմէ առաջ ես էի ապաստան գտած։ Պուքրէշի մէջ սկսայ հրատարակել Նաւասարդ ամսագիրը, որուն Օտեանը եւս աշխատակցեցաւ «Ընկեր Փանջունի տարագրութեան մէջ» պատմուածքաշարով։ Անգամ մը հարցուցի թէ իր այդքան բազմաժանր եւ առատ ստեղծագործութիւններէն, անձնապէս որը կը հաւնէր։ Լռութիւնը խախտելով, Օտեան կը պատասխանէ. – Վէպերուս եւ վիպակներուս հսկայ դէզին մէջ յաջողածներ ալ կան...։ Մարտիկ աղան ալ թերեւս կարելի է մտցնել յաջողած վիպակներուս մէջ17։

Հայկազեան հայագիտական հանդէս, Պէյրութ, 2000, հատոր Ի., էջ 431-438

294


ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Արեւմտահայ գրողների նամականի. գրական ժառանգութիւն, Գիրք VI, պրակ I, կազմեց եւ ծանօթագրեց` Գ. Ազնաւուրեան, առաջաբան Գ. Խ. Ստեփանեան, Երեւան, Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն, 1972, էջ 6։ 2. Նամակը կը հրատարակենք առանց դոյզն հպումներու։ 3. Լեւոն Մկրտիչեան, իբրեւ Հնչակեան պետերէն մին, դիմում ըրած էր Լոնտոն հեղինակին իսկական անունը իմանալու համար, սակայն Բաշալեան մերժած էր յայտնելու։ Մկրտիչեան պահանջած էր վէպին հրատարակութիւնը դադրեցնեն, Արփիար եւ Բաշալեան ընդդիմացած էին ասոր։ Մկրտիչեան հեռագրով հրահանգ տուած էր դարձեալ վէպը դադրեցնելու, սակայն շարունակուած էր։ Ասոր վրայ Մկրտիչեան սպառնացեր էր հրաժարելու եւ կուսակցութենէն քաշուելու։ Տե՛ս` Երուանդ Օտեան, Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս (1896-1908), Կ. Պոլիս, Տէր Սահակեան հրատարակութիւն, տպագր. Մ. Տէր Սահակեան, 1922, էջ 141։ Այս գիրքը` թերթօնային ձեւով, առաջին անգամ լոյս տեսած է Պոլսոյ Ժամանակ օրաթերթին մէջ, ապա` դարձեալ Պոլսոյ մէջ, առանձին հատորով հրատարակուած է 1914ին։ Երկու տպագրութիւններուն էջաթիւերը իրարմէ զգալիօրէն կը տարբերին։ 4. Պէ անկէ ի՞նչ կ’ուզեն որ, սուսիկ-փուսիկ մէկ փոքրիկ, ձայնը չ’ելլեր։ Ասիկա, այլեւս անամօթութեան վերջին աստիճանն է։ Ասիկա ո՞ր ստահակին գործն է։ Հայատառ թրքերէն հատուածը վերծանեց եւ արեւմտահայերէնի թարգմանեց Պերճ Թերզեանը, որուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք։ 5. Նելլի Վ. Անանեան, Արեւմտահայ վիպագրութիւն, Երեւան, Հայաստանի ԳԱ հրատարակչութիւն, 1992, էջ 5։ ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան Ինստիտուտի գիտաշխատողներէն Նելլի Անանեանի աշխատութեան հիմնական նպատակը եղած է ընդգրկել արեւմտահայ վիպագրութեան զարգացումի քանի մը պատմաշրջաններու հարուստ նիւթերը` արծարծելու համար գեղարուեստական զարգացումի ընթացքը եւ օրինաչափութիւնները, որոնք նկատելի են այդ շրջափուլերուն։ 6. Նոյն, էջ 339։ 7. Նոյն, էջ 208։ Միքայէլ Սահակի Կիւրճեանի մասին, կենսագրական համառօտ տեղեկութիւններ կարելի է տեսնել Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 5, Երեւան, 1979, էջ 494. Հայկական համառօտ հանրագիտարան, հտ. 2, Երեւան, 1995, էջ 707-708. Գառնիկ Ստեփանեան, Կենսագրական բառարան, հատոր Բ., Երեւան, 1981, էջ 116։ 8. Մարտիկ աղան լոյս տեսած է Լոնտոնի Նոր կեանք (Հանդէս ազգային, գրական, քաղաքական) թերթին հետեւեալ թիւերուն մէջ. Ա. մաս, Ա., թիւ 19, 1 Հոկտեմբեր, Ա. տարի, 1898, էջ 297-301։ Բ., թիւ 20, 15 Հոկտեմբեր, Ա. տարի, 1898, էջ 306-309։ Գ., թիւ 21, 1 Նոյեմբեր, Ա. տարի, 1898, էջ 323-327։ Դ., թիւ 22, 15 Նոյեմբեր, Ա. տարի, 1898, էջ 344-349։ Ա. մաս, թիւ 23, 1 Դեկտեմբեր, Ա. տարի, 1898, էջ 361-366։ Ա. մաս, Ե., թիւ 24, 15 Դեկտեմբեր, Ա. տարի, 1898, էջ 376-379։ Զ., թիւ 3, 1 Փետրուար, Բ. տարի, 1899, էջ 43-47։ Է., թիւ 4, 15 Փետրուար, Բ. տարի, 1899, էջ 60-64։

295


Է., թիւ 5, 1 Մարտ, Բ. տարի, 1899, էջ 76-79։ Բ. եւ վերջին մաս, թիւ 6, 15 Մարտ, էջ 91-96։ 9. Արեւմտահայ արդի գրականութեան յառաջապահ դէմքերէն Օտեանի հիւթեղ յուշագրութենէն քաղելով, այստեղ կը փորձենք ուրուագրել ժամանակին ընդհանուր պատկերը. Արփիարեան տակաւին Եգիպտոս էր երբ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔի առաջին թիւը հրատարակուեցաւ Լոնտոն 1898 Յունուար մէկին, Լեւոն Բաշալեանի հսկողութեան տակ, որ յատկապէս Բարիզէն Լոնտոն եկած հաստատուած էր` այդ հրատարակութեան հոգը ստանձնելու համար։ [...] Նոր կեանք առաջին թիւէն իսկ խանդավառ ընդունելութիւն մը գտաւ արտասահմանի հայութեան մէջ։ Պոլսոյ Հայրենիքն էր այն որ կը վերացնէր առանց Շահնազարի [հրապարակախօս, 1857-1942, Տ.Գ.]։ Արփիարի ուրախութիւնը չափ չունէր, իր երազներէն մին էր որ վերջապէս կ’իրականանար։ [...] Եգիպտոսի հայութիւնը մանաւանդ ջերմ ընդունելութիւն մը ըրաւ այս ազգային, գրական եւ քաղաքական հանդէսին եւ կարծեմ քանի մը թիւ լոյս տեսնելէ ետքը, Գահիրէի ու Ալեքսանդրիոյ մէջ, Նոր կեանքի բաժանորդներուն թիւը երեք հարիւրը անցաւ, ինչ որ պատկառելի բան մըն էր հայկական հրատարակութեան մը համար։ Բայց ահա` օր մը ամբողջ Ալեքսանդրիոյ հայ գաղութը յուզուեցաւ, ալեկոծուեցաւ, անօրինակ տագնապի մը մատնուեցաւ Նոր կեանքի համար։ Ի՞նչ էր պատահած։ Իր Հոկտեմբեր մէկի թիւով սկսած էր վէպ մը Մարտիկ աղա համեստ խորագրով, որուն ներքեւ իբրեւ հեղինակի անուն կ’երեւար Պարոյր ստորագրութիւնը։ Առաջին թիւը իբրեւ գրական գեղեցիկ էջ մը հաճոյքով կարդացուեցաւ եւ շատեր հետաքրքրուեցան իմանալու համար թէ ո՞ր ծանօթ գրիչը ծածկուած էր այդ Պարոյր անունին տակ։ Նոյնիսկ Արփիար ու ես չէինք գիտեր ո՛վ ըլլալը որովհետեւ գրութիւնը ուղղակի Լոնտոն` Բաշալեանին ղրկուած էր։ Եւ սակայն սկսնակի մը գրութիւնը չէր ապահովաբար։ [...] Վերջապէս ամէն մարդ ենթադրութիւններու մէջ կը մոլորուէր։ Քանի մը թիւ ետքը` վէպը կը ներկայացնէր Ալեքսանդրիոյ մէջ հայկական սալօն մը ուր կ’երեւային գաղթականութեան շատ մը ծանօթ դէմքերը ամենաճշգրիտ` եւ սակայն գերազանցօրէն ծաղրանկարուած գիծերով, կին, էրիկմարդ եւ ո՛չ մէկուն խնայուած էր, ամէնքը հո՛ն իրենց ծիծաղելի կողմերուն բովանդակ մերկութեամբը կ’երեւային։ Իրենց դէմքը, մարմինը, խօսուածքը, հագուստը, ամէն ինչ մէջտեղ հանուած էր անպատկառ չարաճճիութեամբ մը։ [...] Ահռելի փոթորիկ մըն էր փրթաւ քաղաքին մէջ։ Տուները, սրճարանները, զբօսավայրերը, ամէն մարդ Մարտիկ աղայով կը զբաղէր։ Անոնք որ տակաւին վէպին մէջ չէին երեւցած` սրտատրոփ անձկութեամբ կը սպասէին իրենց կարգին. արդէն իսկ ծաղրուածները կը ջանային իրենք զիրենք մխիթարել ըսելով. – Մենք մեր կարգը անցուցինք։ Եւ սակայն եւ ո՛չ մէկը կը ներէր Պարոյրին` որուն ո՛վ ըլլալը սակայն չէին գիտեր։ Տե՛ս` Օտեան, էջ 137-142։ 10. Օտեան, էջ 143։ Նոյն կրճատումներով, Մարտիկ աղան տպուած է Պոլսոյ Հայրենիքին մէջ եւ երկու անգամ Եգիպտոսի Արեւին (տե՛ս` Յարութիւն Մեքերեան, «Երկու խօսք Մարտիկ աղաի մասին», Միքայէլ Ս. Կիւրճեան (Պարոյր), Մարտիկ աղա, Երեւան, Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի հրատարակչութիւն, 1999, էջ 14)։ Մարտիկ աղան «առանձին հրատարակութեամբ եւ ամբողջութեամբ լոյս կը տեսնէ առաջին անգամ

296


... գրուելէն մէկ դար յետոյ»` Երեւանի մէջ, Յարութիւն Սիմոնեանի մեկենասութեամբ (տե՛ս` էջ 18)։ Ան լոյս տեսաւ նաեւ Յառաջի մէջ` 17 Մայիս-3 Նոյեմբեր 2000 երկարող շրջանին։ 11. Նոյն։ 12. Երուանդ Ազատեան, Գրական գեղարուեստական սեւեռումներ, Լա Վըրն, Քալիֆորնիա, Հրատարակութիւն Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճ, 1988, էջ 99։ 13. Նոյն։ Երուանդ Ազատեան, որուն Արեւի խմբագրութեան օրերուն «Կիւրճեան երբեմն կը մտնէր խմբագրատուն, ու գրպանէն թուղթի կտոր մը հանելով կը սկսէր կարդալ։ ...Իր հանած թուղթերը հետզհետէ կը փոխանցէր ինծի, օր մըն ալ անձնական մեքենագրեալ կտակով մըն ալ անոնց բոլորին սեփականութիւնը փոխանցելով ինծի։ – Ազատեան, կը հաւաստէ թէ ստանալէ ետք այս նիւթերը` – Կիւրճեանի ամբողջ արխիւը, իր բոլոր տպուած եւ անտիպ գործերով, Թէքէեանի, Օտեանի, Արփիարեանի եւ Ինտրայի նամակներով նուիրեցի Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին...» (Ազատեան, էջ 96, 99-100)։ Սակայն, մեզի կը թուի թէ որոշ նիւթեր նոյնպէս կարելի է գտնել Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանը, ուր ի պահ դրուած է Լեւոն Բաշալեանի գրական դիւանը։ 14. Արփիար Արփիարեան, Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան, մատենաշար «Համազգային», թիւ 1, Գահիրէ, տպ. Յուսաբեր, 1944, էջ 179։ 15. Հայկական նոր մատենագիտութիւն եւ հանրագիտարան հայ կեանքի, կազմեց Հ. Արսէն Ղազարոս Ղազիկեան, Առաջին հատոր, Վենետիկ, ի տպարանի Սրբոյն Ղազարու, 1909-1912, ս. 1318։ 16. Հ. Մեսրոպ վ. Ճանաշեան, Պատմութիւն արդի հայ գրականութեան (վերածնունդի շրջանէն մինչեւ մեր օրերը), հատոր առաջին, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1953, էջ 512։ 17. Ստեփան Կուրտիկեան, Արտասահմանի հայ գրողների հետ, Երեւան, Լոյս հրատարակչութիւն, 1984։ Տե՛ս` «Մեծ երգիծողն ու վիպասանը», էջ 35, 37-39։

297



ԲՆԱԳԻՐՆԵՐ



ԱՆՅԱՅՏ ՄՆԱՑԱԾ ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ԱՐՁԱԿԱԳԻՐ ՄԸ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Ճակատագրեր խորագրով բաւական յոգնած հատորի մը մէջ գտայ տպաւորիչ եւ յուզիչ վիպակներ եւ պատմուածքներ` Աղեքսանդրիա ժամանած որբորբուհիներուն կեանքը պատկերող։ Ա-Դ էջերուն մէջ տրուած է «Մուտք»-ը` որմէ քաղուած է այստեղ ներկայացուող Եգիպտոս ժամանող որբ-որբուհիներուն «Պատմութիւն»-ը, ապա վիպակներ ու պատմուածքներ. «Հարսանիք»` էջ 7-73, «Կախարդը»` 75-105, «Ներսը»` 130-151։ Էջ 155-169, հինգ շրջաններու բաժնուած, պատկերներով ներկայացուած է նաեւ որբ-որբուհիներուն կեանքը։ Զուսպ եւ աշխոյժ ոճով նկարագրող արձակագիր մըն է հեղինակը` Դ. Ս., որ տակաւին անյայտ մնացած է իր կեանքին մանրամասնութիւններով։ Անշուշտ, երբ օր մը նորովի շարադրուի Եգիպտահայ մշակոյթի պատմութիւնը, անտարակոյս նկատի պիտի առնուի նաեւ Դ. Սարգիսեանը` որպէս արձակագիր, եւ Ճակատագրեր հատորն ալ` իբր գեղարուեստական երկ։ Հաւանաբար, եւ յուսալի է` որ Եգիպտոս փոխադրուած 1200 որբերէն եւ 1100 որբուհիներէն շատեր իրենց յոգնաբեկ կեանքը կը պահպանեն տակաւին. Տեղեկատու Պաշտօնաթերթին Խմբագրութեան համար` մեծ պատիւ է եւ առանձնաշնորհում, հանդիպիլ անոնց հետ, եւ իրենց յիշողութենէն ծուէններ հաւաքելով, ամբողջացնել այստեղ ներկայացուող «Պատմութիւնը»-ը, յատկապէս որբախոյզ Կարապետ Քէչեանին եւ նպաստամատոյցի ներկայացուցիչ Մր. Տէյվիտսընի մասին։

301


ԵԳԻՊՏՈՍ ԺԱՄԱՆՈՂ ՈՐԲ-ՈՐԲՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»-Ը

ԴԱՒԻԹ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

1923-ին, մամուլը եւ ականատեսներ կը վկայէին` թԷ Յունաստանի որբանոցները գտնուող եւ ըմբոստ նկատուած որբուհիները դուրս կը ձգուին, եւ թէ` ըստ մշակուած ծրագրի, պիտի շարունակուէր այս արտաքսումը, ապրուստի միակ միջոց ցոյց տալով աշխատիլ` անշուշտ յոյներու տուները, ի գին առաւելագոյն վնասի` ազգութեան կորուստի։ Ասիկա դուր չէր գար մեծ Եղեռնէն հազիւ ազատած դժբախտ հայուհիներուն, որոնք սկսած էին ահազանգ հնչեցնել, օգնութիւն հայցել պատկան մարմիններէն։ Ի տես եւ ի լուր այս եղկելիներուն արցունքին եւ օգնութեան կանչերուն, մամուլը կը շարունակէր «բողոքի ձայնը», ցոյց տալ վտանգը որ կը սպառնար կրկնակի դժբախտներուն։ Ազգային այս նոր ողբերգութիւնը առաջին անգամ ուշը կը գրաւէ եգիպտաբնակ Կարապետ Քէչեանին, որ խօսքէն գործի կ’անցնի անմիջապէս. կը գրէ Սելանիկի Առաջնորդ Երուանդ Եպս. Փէրտահճեանին, խնդրելով տեղեկագիր մը պատրաստել որբուհիներուն մասին, եւ թելադրելով` անոնցմէ մաս մը գոնէ Եգիպտոս ղրկել, զանոնք տեղաւորելու համար բարեկեցիկ հայերու տուները։ Ազգապահպանման գործ մըն էր ասիկա եւ միաժամանակ խղճի գործ մը։ Անձին մասին ծանօթութիւն չունենալով, Սրբազանը չէր ուզած հետեւանք տալ նամակագրին առաջարկին, բայց իմաստութիւնը կ’ունենար անոր նամակը փոխանցելու Աղեքսանդրիոյ Առաջնորդարանին, տեղեկութիւն ուզելու որբախոյզին մասին։ Աղեքսանդրիոյ Առաջնորդարանը պաշտօնական նամակով մը կը պատասխանէ` թէ նամակագիրը ամէն տեսակէտով վստահելի անձնաւորութիւն մըն է, եւ միեւնոյն ատեն` ազգային երեսփոխան։ Հարցը սկսած էր հետաքրքրական դառնալ. բայց հետաքրքրութիւնը` ելք մը չէր անշուշտ։ Պաշտօնական անձնաւորութիւններ կը ջանան տարհամոզել որբախոյզը, նկատելով` որ անտէր-անտիրական աղջիկներու «Ներգաղթը» անյարմար էր եւ գուցէ պատճառ դառնար արատաւորելու մաքուր ճանչցուած եգիպտահայ գաղութին անունն ու վարկը։ Քէչեան` պայծառ յստակատեսութեամբ, եւ վստահ արդիւնքին, կը յաջողի իր երաշխաւորութեամբ հրաման առնել տասնեակ մը որբուհիներու Եգիպտոս մուտքին եւ բնակութեան համար։ Այս տասը «ընտրեալ»-ները հազիւ ժամանած էին Աղեքսանդրիա, տեղւոյն ազգայիններէն շատեր Առաջնորդարան կը դիմեն եւ կ’ուզեն իրենց քով առնել

302


զանոնք` իբր ծառայ կամ որդեգիր։ Որբուհիները լաւ ընդունելութիւն կը գտնեն` ըլլալով չարքաշ, գործունեայ, պատուազգած, թերեւս` նաեւ ունենալով քիչ մըն ալ կանացի հրապոյր։ Արդիւնքը խրախուսական էր, եւ որբընկալները գոհ էին։ Նոր պահանջները գոհացնելու համար` երեսուն աղջիկներ եւս կը բերուին նոյն ձեւով եւ նոյն միջոցով. բոլորն ալ կը տեղաւորուին։ Անորոշ ապագայի մը ենթակայ հայ աղջիկները ազատելու նպատակով, ստուգելէ վերջ` թէ նպաստամատոյցը ի վիճակի է իր անունով «Ներգաղթը» շարունակելու, Քէչեան նամակով մը կը տեղեկացնէ նոր որբուհիներ բերել տալու իր փափաքը։ Նամակին հետեւանք տալով, Նպաստամատոյցը Եգիպտոս կը ղրկէ Մր. Տէյվիտսընը, որպէս լիազօր ներկայացուցիչ։ Ան ուղղակի Քէչեանին կը ներկայանայ եւ հետը խորհրդակցելէ վերջ, կ’որոշուի ամերիկեան միջնորդութիւնը խնդրել։ Ամերիկեան հիւպատոսարանը կը դիմէ եգիպտական կառավարութեան` Սա’ատ Զաղլուլ փաշայի վարչութեան օրով։ Եգիպտական կառավարութիւնը` ազնիւ հոգածութեամբ, կ’արտօնէ որբուհիներուն մուտքը Եգիպտոս։ Զանգուածային «ներգաղթ» կազմակերպելու միակ դժուարութիւնը` փոխադրութեան ծախքն էր. այս դժուարութիւնը եւս հարթելու համար` Քէչեան կը դիմէ Խտիւական շոգենաւային ընկերութեան, եւ կը յաջողի կէս գինով տոմսեր ապահովել։ Չափազանց գոհ, Մր. Տէյվիտսըն կը շարունակէ «ներգաղթը» աւելի մեծ չափի վրայ, ի վերջոյ յաջողցնելով նաեւ մանչերու «ներգաղթը»։ Հարկ էր լուրջ եւ զօրաւոր կազմակերպութիւն. յարմար կը դատուի կազմել որբապաշտպան մարմինը` որ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ սկսաւ գործունէութեան, ջանալով որբուհիները ինքնաբաւ դարձնել։ Կազմուեցան նաեւ օժանդակ մարմիններ, բայց առանց արդիւնք տալու` լուծուեցան։ Վերոգրեալ պայմաններով եւ միջոցներով Եգիպտոս կը բերուին 1200 մանչեր եւ 1100 աղջիկներ։ Հետագային, նոր հրամանով մը` կարելի կ’ըլլայ բերել որբորբուհիներու ազգականները, մօտաւորապէս 200 անձ. այսպիսով, «ներգաղթը» Եգիպտոս` կը փակուի 2500 անձով։ Այս է »պատմութիւն»-ը Եգիպտոս ժամանող որբ-որբուհիներուն։

303


ՈՐԲ-ՈՐԲՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»-Ը ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆ

ԴԱՒԻԹ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

1916։ Որբութիւնը Մեծ Եղեռնի օրերուն։ Տաճիկը, չարութեան մոլուցքին մէջ, հացի կտորը բռնած, անօթիներուն ախորժակը գերագրգռելով կը տանջէ զանոնք։ Կմախք դարձած հայորդիները ուժ չունին ոտքի կենալու. ձեռքերնին կարկառած են հացին ի խնդիր։

Լքուած անմարդաբնակ վայրերու մէջ, միշտ ապրելու յոյսով առլցուն, բոյսերը հաւաքած թէյամանին մէջ կ’եփեն, ի խնդիր սնունդի։

304


Մեռնելու դատապարտուածները իրենց ձեռքերով կը թաղեն իրենց մեռելները։ Արցունքը ցամքած է անոնց ակնաղբիւրին մէջ, ու պաղօրէն կը դիտեն զիրենք նկարող եւրոպացի թղթակիցները։

ԵՐԿՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆ

Փրկուածները որբանոցներու մէջ խմբուած։

305


Ժամանակը բաւական բուժած է անոնց վէրքերը որբանոցներու մէջ։

Օրոբոսի որբանոցին մէջ (Յունաստան)` ամառնային արձակուրդին` լոգանքի պահուն։

Սիրայի որբանոցին մէջ հաւաքական մարզանքի տեսարան մը։

306


ԵՐՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆ

Եգիպտոս ներգաղթած սաներ։ Մէջտեղը ոտքի կեցած է Մր. Տէյվիտսընը։

Աղեքսանդրիա հաստատուած որբեր։ Մէջտեղը կ’երեւին` որբախոյզ պ. պ. Քէչեան, Տէյվիտսըն եւ Խանիկեան։

307


Ուրիշ խումբ մը ներգաղթողներէն։ Մէջտեղը` Տէր եւ Տիկին Կ. Խանիկեան։

Հետզհետէ ինքնաբաւ ըլլալու շրջանին մէջ։ Պատկերին մէջ կ’երեւին որբախոյզ պ. Կ. Քէչեան եւ Մր. Տէյվիտսըն։

308


ՉՈՐՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆ

Գահիրէի Նպաստամատոյցի նուագախումբը, երբ այլեւս ինքնաբաւ էին։

Աղեքսանդրիոյ Նպաստամատոյցի դերասանախումբը, Բարեկենդանի առթիւ ծպտուած։ Բոլորն ալ նախկին սաներ։

309


«Վերածնունդ» հատուածին նուագախումբը` ինքնաբաւութեան շրջանին։

«Շաւարշան» հատուածը` ինքնաբաւութեան շրջանին, պտոյտի եւ խրախճանքի գացած դէպի Ռամլէ Պէտա։

310


ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆ

Հոս` որբութեան տարազը մէկդի նետուած։ Նկարին մէջ աստղանիշ կրող պատանի մարզիկները զաւակներն են նախկին որբերուն։ Անոնք կը կոչուին կրտսերներ, իսկ անոնց հայրերը` երէցներ։ Հետաքրքրական է երբ հայրերն ու զաւակները դէմ առ դէմ կը մրցին, ու յաղթութիւնը` մեծ առաւելութեամբ կը հակի զաւակներուն կողմը, մայրերուն բարոյական օգնութիւնը եւ խրախոյսը ի նպաստ իրենց զաւակներուն է։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Ապրիլ 2000, նոր շրջան, թիւ 15, էջ 3-8

311


ՆԵՂՈՍԻ ԱՓԻՆ (Պատկերաշարք)

Գետն է ահա, Կախարդական մեծ հայելի, Ժամանակի աւերներէն առած իր մոյնն - Աւազներու ոգին շարժուն։ Միջոցին մէջ` անուրջ հեռուն, Ձեռք մը անյայտ, Կը վերցնէ քօղն անթափանց Ժամանակին, Ծալքն իր փըռած ալիքներուն, Շէկ աւազին։

Գետն է ահա, գետ սրբազան, Վէտերն որուն, Գալարն ինչպէս մագաղաթի, Ահա նորէն կը վերբերեն Ոսկեզմուռս, արիւնագիր` Խռովն ու փառքն անցեալներուն։

Արեւն է հաստ` ներկուած վրան Աւազներուն։ Ու խորտակուած հայելիէն Անհուն գետին, Ինձ կը թըւի տեսնել բաներ` Որոնք ապրեր, եղե՜ր են հոն, Յետոյ ինկեր գոգն աւազին Վայրավատին, Անիւին տակ ժամանակին,

312

ԵՂԻՎԱՐԴ Բարեկամիս` Մ. ԱԼԹՈՒՆԵԱՆԻՆ


Հէքիաթ մ’ինչպէս տրտում, անգութ։ Մըշուշին տակ սեւ ու կարմիր, Շարժն է ահա ստուերներու, Նետած պատանք, հագած մարմին, Բիւրեղին մէջ անհուն գետին։ Ու կը թուի ինծի տեսնել, Հազար պալատ Ու մեհեաններ ոսկեճակատ, Կղզիներու պէս մոգական, Աւազներու անհուն սիրտին։ Եւ իշխաններ, քուրմեր տժգոյն, Ապառաժեայ քունին խորէն Կազմած թափօր, Յիսուն դարու ծանր քայլով, Կ’երգեն նորէն մահէն անդին Երգը կապոյտ անմահութեան։

Անդին արքայ մը կը բանայ Պատանքը իր հազարածալ Ու կը կանգնի գերեզմանէն Հսկայական, Զոր կառուցին անթիւ ձեռքեր` Մահուան առջեւ իբրեւ վահան։

Շարանն ահա Արքաներուն ու քուրմերուն, Համր, դանդաղ, Ձեռուըներուն մէկ մէկ լուտաս, Յուղարկելու Ապիսը ծեր Նեղոս գետին իբրեւ նուէր։ Ինձ կը թուի թէ կը բացուին Շրթները քար մեծ լռութեան, Համերգին մէջ կեանքին, մահուան։

Խորտակելով Կրանիդը ժամանակին,

313


Դամբաններուն յաւերժական, Թափօրներով ահա կու գան Զմռսապատ մարդերը այն, Օր մը որոնք Բուրգերուն ծոցն որոնեցին Այս աշխարհի մութ ապագան։

Հանճարն անոնց դեռ կը մնայ Ջահի մը պէս Աւազներու կուրծքին վրայ, Հանդերձելու ձեւը կախարդ, Իմաստը լուռ` Մեծ Սփինքսին ու բուրգերուն։ Արուեստն է ան յաւերժական, Որ վեր կ’առնէ մոռացօնքէն, Ստուերներէն դամբաններու, Թռիչքն անհուն սերունդներուն, Ապրեցնելու պահն ադամանդ, Զոր կ’ունենան Մարդ ու Աստուած Յաւիտեանէ մինչ յաւիտեան։

Խորն ալիքին, հայելիին, Շանթէն սրուած նետերու տակ, Ինձ կ’երեւին Բզըկտուած որաներու այնքան նըման, Ժողովուրդներ ինկած կործան Թաթին ներքեւ մեծ Սփինքսին։

Բոցն է տէգին դեռ շողացող` Աշխարհակալ մեծ Ռամսէսին, Այգիներուն վրայ բերրի Փիւնիկէի։ Մոխիրներուն տակ կը հանգչին Երգերն արոյր Նուպէացւոց։

Հեռուն, հեռուն, Մեր հայրենի սէգ լեռներու Մըշուշներուն,

314


Ալիք ալիք կը նահանջէ Երկաթազէն Հիթիթներու Բանակը ձոյլ։

Արեւն հողին` մաղ մաղ կրակ, Գետը անշարժ, Նոյն հայելին կախարդական։

Կ’անցնին աչքէս, բոկոտ, նօթի` Հողին վրայ, հողին համար Կեանքերն իրենց պատառ պատառ Բաժնող մարդեր, Որոնք, դարեր, մատուըներով Հանդերձեցին խարտեաշ ցորեն, Մեղր ու գինի, Փարթամներու սեղաններուն։ Տժգոյն, անխօս, կ’անցնին անոնք. Հովին մէջէն դեռ կը լսուի Ճարճատն անոնց ոսկորներուն։ Արցունքն անոնց գետ է անհուն, Ալիքներուն վրայ որուն, Ծոցն ոզորէ օրօրանին, Մանուկ մ’աղուոր կը քնանայ, Օրրանքին տակ ալիքներուն, Երազ մ’ինչպէս հագած մարմին։

.............................. Հովն է կ’անցնի, Եւ ջուրերուն թերթերը լոյծ Իրար կու գան, Գետը կապար Պարպուած է ա՛լ իր խորհուրդէն։ Արմաւենի ծառերն անդորր Հորիզոնին դէմ կ’օրօրուին, Նըման լըռած քնարներու։

315


Ոլորքներով հանդիսաւոր Գետն է բացած երակներն իր Հողին, բոյսին եւ արեւին, Որուն անդորր կիսաշեղին` Գիւղակներ ճիղճ, գորշ ու տրտում - քակորակոծ ուռեցքներու Վէրքեր ցցուն - , Այնքան նըման գանկերու գոնջ։ Թշուառութիւն, թնճուկ ու կեղ, Խարանահար, այրեցաւեր, Կրծեր, մաշեր են մահատիպ Այս աւաններն, Որոնք կեանքի ուղխին դիմաց, Իրենց կոծիծ կոնն են դրեր։ Արեւի լոյսն անգամ կպչուն, Տառապանքի մաղէն իջնող, Կը մռայլէ խորհուրդն անոնց։ Զի Աստուծոյ լոյսն ու արցունք Նոյն կայլակին մէջ կը դողան, Երբ անժառանգ Ամբոխներու վրայ կ’իյնան։

Դուռներուն դէմ հիւղակներուն, Կոյր աչքերու այնքան նըման, Կը շարժտկին ուռած փորով Հիւանդ, աղկաղկ դէզ մը մանուկ. Խորն աչքերուն անոնց պղտոր Մղձուկով թանձր ու շարաւոտ, Երազազուրկ եւ անալի, Չէ կաթած դեռ բերկրանքի շող։

Արեւն անփայլ, Ծանր պատանք` կախուած ջուրին։ Երկինքն է բիլ աչք մը կախարդ։ Հայելիին մէջ Նեղոսի` Մեռած շուքեր նաւակներու։

316


Բուրգերն հեռուն կ’երազեն դեռ, Խառնած ստուերն իրենց յոգնած Մեծ յաւերժին, Ժամանակին։ Ջուրի եզրին, Հովի բերնին, Գլուխին տակ խուրձը խոտին, Ճակատագրի մատին հըլու, Ֆելլահն ահա, Հողի զաւակ, հողին վրայ։

Ֆելլահն ահա, Պատկերն որուն Վերգիլիոսէն մինչեւ այսօր Կը մնայ նոյն։ Ան փոխած է դարերն ի վեր Բազմահոլով` Տէր ու լեզու, Կրօն ու կարգ, Բայց մնացած հաւատարիմ Հողի անխախտ ճակատագրին, Նման սիկին` խորը ծովուն, Անցքէն յետոյ փոթորիկին։

Որքա՜ն դժուար Դարերու կեանքն, արիւն զրկանքն Առնել ծիրին վայրկեաններու. Եւս առաւել` Պատմե՜լ այստեղ...։ Նստած ափին, Հայելիին Նեղոս գետին, Կը մտածեմ ես տրտմօրէն Իմ արիւնէս ծլած, ցայտած Ըստուերներուն անոնց բոլոր,

***

317


Որոնք աշխարհ մը արգելքներ Ընդոտնելով, Հիւսիսներէն հոս են հոսեր, Դարե՜ր դարեր, Հեղեղելու այս հողերուն, Աւազներուն այս աներազ, Սերմը արեան, Օր մը ապա նստած ափին Այս ջուրերուն Աւաղելու փառքն անանուն Իրենց ցեղին։ Այսպէս է կարգն այս աշխարհին։

ՔԵՐԹՈՒԱԾԻՆ ԵՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՄԱՍԻՆ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Եղիվարդի բանաստեղծական այս պատկերաշարքին մասին` երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը արտայայտուած է հետեւեալ գնահատական խօսքով. Առաջին իսկ տողերից ցնցուեցինք ու զարմացանք նոյնիսկ, թէ հեռաւոր մի վանքում մի անծանօթ վարդապետ այսպիսի մի հզօր բանաստեղծական գործ կարող է յօրինել։ Եւ իսկապէս, այդ բանաստեղծութիւնը գրուած էր բացառիկ ջերմ շնչով ու հզօր ներշնչումով։ Առանց Եգիպտոսը, Նեղոսը տեսնելու, բայց միայն այդ բանաստեղծութիւնը կարդալով, մարդ կարող է տեսնել պատկերը այդ երկրի, զգալ կիզիչ ջերմութիւնը արեւի, աւազի եւ կապոյտը ջրերի` առաւելագոյն ճշմարտացիութեամբ։... Իրօք որ Եղիվարդը վաւերական բանաստեղծ է..., իր մտածումները եւ յոյզերը պատկերելու իր հզօր կարողութեամբ։... Նա նկարում է խօսքերով, խօսքեր` որոնց սակայն ոչ թէ լոկ մտքի կառուցուածքներ են, այլեւ նրա հոգուց պոռթկացող յուզումների պատկերաւոր արտայայտութիւններ։ (Տեսնել` «Եղիվարդը վաւերական բանաստեղծ է», Սիոն, 1986, Ա-Գ, էջ 24-25։) Եղիվարդը` Երուսաղէմի Հայոց երջանկայիշատանկ Պատրիարք, Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի գրական անունն է։ Ան ծնած է Շատախ (Վասպուրական), 1910-ին։ Մեծ Եղեռնի բազմահազար որբ տղոցմէ մէկը ըլլալուն` պատսպարուած է Երուսաղէմի Արարատեան Որբա-

318


նոցը։ Ապա ընդունուած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանը` որուն ընթացքը աւարտելէ ետք, 1932-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ Իր բանաստեղծական երկերուն համար` առաւելաբար մշակած է աստուածաշնչական դէմքեր եւ դրուագներ։ Վաստակած Պատրիարքը վախճանեցաւ 1990 Փետրուար 1-ին, Երուսաղէմի մէջ։ «Նեղոսի ափին» պատկերաշարը առաջին անգամ լոյս տեսած է Անի ամսագրին մէջ (Պէյրութ)` 1950 Դեկտեմբեր, էջ 419-421։

ՀԵՂԻՆԱԿԱՅԻՆ ՀԱՄԱՌՕՏ ԲԱՌԱՑՈՒՑԱԿ ՊԱՏԿԵՐԱՇԱՐՔԻ ԴԺՈՒԱՐԻՄԱՑ ԲԱՌԵՐՈՒՆ աղկաղկ այրեցաւեր անդորր

թոյլ, տկար։ աղքատ, խեղճ։ չնչին, անարգ, անպէտ։

Պատրաստեց` ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

կրակի եւ աւերածութեան ենթարկուած։ խաղաղ, հանգիստ, ապահով։

անիւին տակ ժամանակը կը նմանցուի թաւլող անիւի մը։ անուրջ

երազ, երազանք։

Ապիս

հին եգիպտացիներուն սրբազան ցուլը` որ կը մարմնաւորէր Փթահ (աշխարհի արարիչ) եւ Օզիրիս (հանդերձեալ կեանքի) աստուածները։

ապառաժեալ 1. ժայռանման։ 2. քարքարոտ։

արիւնագիր արոյր

ակնարկութիւնը` պատմութեան մէջ արձանագրուած կոտորածներուն եւ ջարդերուն մասին է։

մետաղի խառնուրդը` 2/3 պղինձ եւ 1/3 զինկ, դեղին գոյնով։

319


բերկրանք բերրի բիլ

բիւրեղ գալար գոգ

գոնջ զմուռս ոսկեզմուռս

զմռսապատ լոյծ

լուտաս

ծիր կայլակ կեղ

320

հրճուանք, ցնծութիւն, ուրախութիւն` լաւ բան մը տեսնելու կամ լսելու պահուն։ շատ պտղաբեր, արգասաբեր, բարեբեր։ երկնագոյն կապոյտ։

1. երկնագոյն կամ դեղնագոյն թանկագին քար։ 2. ընտիր եւ վճիտ ապակի։ ոլորուածք։ ծոց։

1. խեղանդամ, հաշմանդամ։ 2. քոսոտ, բորոտ, արատաւոր։

խունկի եւ կնդրուկի նման անուշահոտ խէժ` կը գործածուէր դիապատութեան համար, դին ապականութենէ պահելու համար։ զմուռսի ոսկեայ փայլքով։ զմուռսով պատուած։ հեղուկ վիճակի մէջ։

1. արեգակի խորհրդանիշ։ 2. հարսնամատներու կարգէն ջրային բոյս` որ կը բուսնի Նեղոս եւ Գանգէս գետերուն մէջ։ 3. ափրիկեան բոյս մը` որ ուտողը հայրենիքը կը մոռնայ։ 1. շրջագիծ։ 2. գիծ` որ հետք կը ձգէ։ արիւնի կաթիլ։ խոց։


կոծիծ կոն կրանիդ համերգ

հանդերձել հիթիթ

ճարճատ ճիղճ

մեծ Սփինքս մղձուկ մոյն

մոռացօնք

նուպէացի նօթի

շարաւոտ շէկ

ոզոր

ակնարկութիւնը` որպէս բնակարան, հնամաշ վրաններու գործածութեան մասին է։ դժուար տաշուող, բայց շատ դիմացկուն քար մը։

երաժշտական հանդէս` քանի մը ձայնով կամ նուագարանով։ պատրաստել։

կեդրոնական Անատոլուի ժողովուրդ մը` որ իր տիրապետութեան տակ առաւ ամբողջ Փոքր Ասիան, Ք.ա. ԺԶ. ԺԳ. դարերուն։ բանի մը կոտրելուն հանած ձայնը։ ճղճիմ, աննշան։ տե՛ս Սփինքս

1. շունչը կտրուիլ։ 2. սիրտը նեղուիլ։

վայելչութիւն, բարեձեւութիւն։ մոռնալը։

Եգիպտոսի եւ Սուտանի միջեւ տարածուող անապատային շրջանի բնակիչ։ քաղցած, սոված, անօթի։ թարախոտ։

1. դեղինի եւ կարմիրի խառնուրդ գոյն։ 2. կրակի պէս կարմիր։ բարակ եւ դալար ճիւղ ուռիի։

321


ոլորք

ոլորուած։

ուղխ

ջուրի առատ հոսանք։ Կեանքի ուղխ ակնարկութիւնը` շռայլ մակարդակի մասին է։

որայ

պատանք Ռամսէս

սէգ

սիկ Սփինքս

ցորենի կամ գարիի խուրձ։

վուշէ սպիտակ սաւան` որուն մէջ կը փաթթեն մեռելը։

նոյն անունով տասնմէկ արքաներու կարգին` երկրորդն է աշխարհակալ մեծ Ռամսէսը, Մէիամուն, որ իշխած է Ք.ա. 1301 1235 թթ., մեծամեծ կառոյցներ կատարելով եւ անդուլ պայքարելով հիթիթներուն դէմ։ հպարտ, ամբարտաւան, խրոխտ։

կենդանական եւ բուսական մարմիններու քայքայուած մնացորդներ` որոնք հողին խառնուած կը նստին ջուրին յատակը։

հին Եգիպտոսի առասպելական գազանը` առիւծի մարմինով եւ մարդու գլուխով ներկայացուած։ Ամէնէն նշանաւոր Սփինքսը կը գտնուի Կիզէի մերձակայքը։

վայրավատին 1. ցիր ու ցան։ 2. խառնիխուռն։ վերբերել

Վերգիլիոս վէտ տէգ

322

բարձրացնել։

հռոմէացի անուանի բանաստեղծ, հեղինակ Մշակականք եւ Ենէական բանաստեղծական երկերուն, որոնք ճարտարօրէն հայերէն ալ թարգմանուած են։ Ապրած է Ք.ա. 70-19 թթ։ թեթեւ հողմէ յառաջ եկած ալիք։

1. կարճ նիզակ։ 2. նիզակի ծայրի սրածայր երկաթը։


Փիւնիկէ

քակորակոծ

Եբրայեցիները այս երկիրը կը կոչէին` Քանա, որ կ’երկարէր Լաւադիկէ (Լաթաքիա) քաղաքէն մինչեւ Տիւրոս։ Ք.ա. 3-րդ հազարամեակին` այնտեղ կը հաստատուի սեմական ծագումով ցեղ մը, որ կը հիմնէ Ուկարիթի եւ Պիպլոսի նաւահանգիստները։ Տնտեսական, առեւտրական եւ մշակութային մարզերու մէջ` փիւնիկէցիները յառաջ բերած են նշանակալի նորութիւններ։ անասունի չորցած աղբով ծածկուած։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Հոկտեմբեր 2000, նոր շրջան, թիւ 17, էջ 8-11

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ Առձեռն բառարան հայկազնեան լեզուի, երկրորդ տպագրութիւն, Վենետիկ, ի Սուրբ Ղազար, 1865։

Հր. Աճառյան, Հայերեն արմատական բառարան, Երևանի Համալսարանի Հրատարակչություն, Երևան, 1971, 1973, 1977, 1979։

Հայերէն բացատրական բառարան, կազմեց Ստ. Մալխասեանց, չորս հատորում, երկրորդ տպագրութիւն, Պէյրութ, 1955, 1956։

Ժամանակակից հայոց լեզվի բացատրական բառարան, Հր. Աճառյանի անվան Լեզվի Ինստիտուտ, Հայկական ՍՍՌ Գիտությունների Ակադեմիայի Հրատարակչություն, Երևան, 1969, 1972, 1974, 1980։

Բառարան սուրբ գրոց, տպագրութիւն Ա. Յակոբ Պօյաճեան, Կոստանդնուպոլիս, 1881։ Dictionnaire Hachette, Paris, 1980. Le Petit Larousse illustré, 1996.

323


ՓԱՐԱՒՈՆԱԿԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԳՐԱԿԱՆ ՆՄՈՅՇՆԵՐ

Ափրիկէի հիւսիս-արեւելեան մասին` Նեղոս գետի հովիտին մէջ, հինգ հազար տարի առաջ կազմաւորուած պետութիւնը` Եգիպտոս, հին աշխարհի ամենամեծ ստրկատիրական պետութիւններէն մէկն էր։ Այս երկրին ժողովուրդին կեանքին մասին կարելի եղած է հաղորդակից դառնալ գիտնական-հնէաբաններու ձեռնարկած պեղումներուն միջոցով, որով աստիճանաբար պարզուած է անցեալի ամբողջ պատմութիւնը։ Գիտնականները շատ հետաքրքիր տեղեկութիւններ քաղած են յատկապէս գրաւոր յուշարձաններէն` որոնք գրուած են ճահճային պապիրուս բոյսի ցօղունէն պատրաստուած նիւթին վրայ։ Այդ գրութիւններուն մէջ կարելի է գտնել եգիպտացի բանաստեղծներուն եւ գրողներուն ստեղծագործած երգերն ու հեքիաթները, որոնցմէ մէկ քանին կ’ուզենք ներկայացնել Տեղեկատուի ընթերցողներուն ուշադրութեան։ Ներկայացուող գրական հատուածները թարգմանուած են հին եգիպտական լեզուէն` ռուսերէնի, եւ անկէ ալ` արեւելեան հայերէնի. մեր ընթերցողներուն դիւրութեան համար` վերածած ենք արեւմտեան աշխարհաբարի։ Մ. Մատյե, Եգիպտացի տղայի օրը, թարգմ. Ա. Եղիազարյան, Երևան, Հայպետհրատ, 1957, Հավելված` էջ 130, 131, 132, 124։

ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԵՐԳ

Այդ զօրքը վերադարձաւ յաջողութեամբ, Ան քանդեց Խերիուշա երկիրը.

Այդ զօրքը վերադարձաւ յաջողութեամբ, Ան ջարդեց Խերիուշա երկիրը.

Այդ զօրքը վերադարձաւ յաջողութեամբ, Ան կործանեց անոր ամրոցները.

324


Այդ զօրքը վերադարձաւ յաջողութեամբ, Ան կտրատեց անոր թզենիներն ու վազերը. Այդ զօրքը վերադարձաւ յաջողութեամբ, Ան այրեց անոր աւանները.

Այդ զօրքը վերադարձաւ յաջողութեամբ, Ան այնտեղ խոցեց տասը հազար ջոկատ. Այդ զօրքը վերադարձաւ յաջողութեամբ, Ան շատ ջոկատներ գերի վերցուց։

ՀԻՄՆ ՆԵՂՈՍԻՆ

Փա՜ռք քեզ, Նեղոս, հողէն դուրս եկող Եւ Եգիպտոսը կենդանացնելու հոսող։ Դաշտերը ոռոգող, Ռա աստուծոյ ստեղծած Բոլոր կենդանիներուն շունչ տուող։ Գարի ստեղծող, հաճար պատրաստող. Տաճարներուն մէջ` տօն է քու պատուիդ։ Եթէ դուն դանդաղիս, կը կտրի շունչը Եւ մարդիկ կ’աղքատանան։

Երբ դուն կը բարձրանաս` երկիրը կը ցնծայ, Բոլորը ուրախութեան մէջ են, Բոլորը կը ծիծաղին, Բոլորին ատամները բաց են։

Հացահատիկ եւ առատ ուտելիք բերող, Բոլոր հրաշալիքները ստեղծող, Ամբարները լեցնող, պահեստները լայնացնող, Աղքատներուն ունեցածին մասին հոգացող։

Քեզմով կ’ուրախանան երիտասարդներդ ու զաւակներդ, Կը հարցնեն քու վիճակիդ մասին, ինչպէս` փարաւոնին. Ծաղկէ՛ ուրեմն, ծաղկէ՛, Օ՜, Նեղոս, ծաղկէ՛...։

325


ԱԽՏՈՅԻ ԽՐԱՏՆԵՐԷՆ

Ախտոյ անունով մարդուն` Դուաուի որդիին, իր տղուն` Պեպպին տուած խրատներուն սկիզբը, երբ ան կը լողար դէպի հարաւ` մայրաքաղաք, իր տղան դպրոց յանձնելու համար։ Ախտոն ըսաւ անոր. - Սիրտդ դէպի գիրքերը դարձուր...։ Նայէ՛, գիրքերէն աւելի բարձր ոչինչ կայ։ Եթէ գրագիրը քաղաքին մէջ պաշտօն ունի, ապա` ան աղքատ չ’ըլլար։ Օ՜, եթէ ես կարենայի ստիպել քեզի աւելի սիրել գիրքերը` քան մօրդ, եթէ կրնայի քեզի ցոյց տալ անոնց գեղեցկութիւնը...։ Այդ պաշտօնը բոլորէն լաւ է. երբ գրագիրը դեռ երախայ է` արդէն կ’ողջունեն զինք, կ’ուղարկեն զինք յանձնարարութիւններ կատարելու, եւ չի վերադառնար գոգնոց հագուելու համար...։ Նայէ՛, չկայ պաշտօն մը` ուր պետ չըլլայ, բացի գրագիրի պաշտօնէն, որ ինքն է պետը։ Եթէ մէկը ծանօթ է գիրքերուն, ապա` կ’ըսեն անոր. - Ատիկա լաւ է քեզի համար։

ՀՈՂԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒՆ ԵՐԳԸ

Շտապէ՛, սայլապան. Քշէ՛ եզները. Նայէ՛, կանգնած է իշխանը Եւ մեզի կը նայի...։

ԿԱԼՍՈՂՆԵՐՈՒՆ ԵՐԳԸ

Կալսէ՛ք ձեզի համար, կալսէ՛ք ձեզի համար. Օ՜ եզներ` կալսէ՛ք ձեզի համար։ Կալսէք ձեզի համար, ծղօտը` որպէս կեր, Իսկ հացահատիկը` տէրերուն համար. Կանգ մի՛ առնէք, Որովհետեւ այսօր զով է...։

Տեղեկատու, Գահիրէ, Յուլիս 2001, նոր շրջան, թիւ 20, էջ 10-11

326


ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ



ՍԱՅԻՏԱԿԱՆ ԲԱՐԲԱՌՈՎ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՊԻՐՈՍՆԵՐ

Գրեց` Տոքթ. ԽՈՒԼԻՈՅ ԿԱՐՐԻՏՈՅ Թարգմանեց` ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Եգիպտոսի քրիստոնէական գրական կեանքին վերաբերեալ` առաջին դարերու ծանօթ վաւերագրերու թիւը զգալի կերպով աւելցած է այս վերջին տարիներուն։ Պապիրոսներու եւ մագաղաթներու բազմաթիւ հատուկտորներ գտնուած են եւ մանրազնին կերպով ուսումնասիրուած են աշխարհի գլխաւոր մատենադարաններուն մէջ պահուած մեծ թիւով ձեռագիրները։ Նեղոսի հովիտին մէջ աւետարանական բնագրի աւանդումին կարեւոր հարցը` փաստարկումի հիմ մը ունի, ամէն անգամ աւելի կատարեալ։ Սակայն, մեզի համար անկարելի է ճշգրիտ կերպով պատասխանել հետեւեալ հարցումին. աւետարանական բնագիրը ո՞ր թուականին թարգմանուած է սայիտական բարբառով։ Աւանդութիւնը կը նշէ` թէ առաքելական շրջանէն սկսեալ, մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի տիեզերական պատգամը տարուած է Աղեքսանդրիա, ուրկէ հաղորդուած է շուտով Նեղոսի տելթայի բնակիչներուն։ Ծանօթ են եգիպտական ձեռագիրներ` գրուած Բ. դարուն սկիզբը, եւ վերջին օրինակին գիւտը` Պոտմէր Բ.-ի պապիրոսը, ամբողջութեամբ կը վերարտադրէ Յովհաննու Աւետարանը` որ Աւետարանիչի բնագիրէն յիսնեակ մը տարիներ ետք գրուած ըլլայ հաւանաբար։ Բայց բոլոր այս վաւերագրերը յունարէն լեզուով գրուած են. քանի մը դար շարունակ յունարէնը եղած է Տելթայի կրօնական լեզուն, եւ կը թուի` թէ անմիջական պահանջ չէ եղած պոհայրական բարբառով թարգմանութիւններու։ Սակայն, Վերին Եգիպտոսի մէջ` եւ մասնաւորաբար հելլենականացած բնակչութենէն հեռու, պարագան տարբեր էր. յունարէնը նուազ ծանօթ էր եւ հասարակութեան բոլոր խաւերուն մէջ Աւետարանին անյետաձգելի տարածումը կը պահանջէր սայիտական բարբառով թարգմանութիւններ ունենալ։ Պատմական որոշ տուեալներ թոյլ կու տան ճշտելու զանազան թուականներ` որոնք Աւետարանի սայիտական բարբառով առաջին թարգմանութիւններու հարցին մէջ կրնան ծառայել որպէս մօտաւոր թուական։ Սուրբ Անտոնի կեանքին վերաբերեալ տեղեկութիւնները կը նշեն` թէ քսան տարեկանին Սուրբը կ’որոշէ անապատ քաշուիլ, իբր արդիւնք` գիւղական եկեղեցիի մը մէջ լսած Մատթէոսի

329


ԺԹ. 21 համարի ընթերցումին։ Սուրբ Անտոն Սայիտի ղպտերէն գիտէր միայն. հաւանական է` որ ընթերցումը այդ լեզուով եղած ըլլայ։ Կը թուի` թէ 270 թ. Վերին Եգիպտոսի մէջ գոյութիւն ունէին գոնէ Սուրբ Մատթէոսի աւետարանի օրինակներ, եւ ատոնք կը գործածուէին ծիսական նպատակներով։ Ուրիշ տուեալ մը` զոր կ’առաջնորդէ նման եզրակացութեան մը, Սուրբ Պախումի կանոնին նկատողութիւնն է, գրուած վանական կեանքի այս մեծ վերանորոգիչին կողմէ` 321 թուականին։ Այս կանոնին մէջ կը նշուի` թէ միաբանութեան մէջ ընդունուելու անհրաժեշտ պայման ըլլալուն, վանական կեանքի թեկնածուները պէտք է քսան սաղմոս եւ երկու թուղթ կարդալու կարող ըլլան։ Շատ անհաւանական է, որ Եգիպտոսի հարաւի տգէտ գիւղացիները` որոնք իր կրօնական հիմնարկութիւններուն հիմը կը կազմէին, բաւարար չափով յունարէն գիտցած ըլլան, անոնցմէ այդ լեզուով ընթերցում պահանջելու համար։ Ղպտական հնագրութեան այժմու վիճակը` դժբախտաբար մեզի թոյլ չի տար սայիտական ծանօթ ձեռագիրներու ճշգրիտ թուականը յայտնելու։ Ծանօթ է միայն անոնցմէ քանի մը հատին գրութեան թուականը. ամէնէն հինը` Բրիտանական Թանգարանի արեւելեան ձեռագիրներու հաւաքածոյին թ. 7594-ը, որ կը համապատասխանէ 300-320 թթ., կը պարունակէ Երկրորդումն Օրինացը, Յովհաննու գիրքը եւ Գործք Առաքելոցը։ Փորձառութեամբ գիտենք, թէ Աստուածաշունչի թարգմանութեան ժամանակ` նախ կը թարգմանեն աւետարանները եւ սաղմոսները. կը հետեւցուի` թէ Արեւելեան Ձեռագրաց թ. 7594 պապիրոսը գրուած ժամանակ, արդէն պէտք է թարգմանուած ըլլային աւետարանները։ Նախապէս ըսուածներէն կը հետեւցուի` թէ ամէնէն ուշ Գ. դարու վերջերը, արդէն գոյութիւն ունէին Վերին Եգիպտոսի ղպտական բարբառով աւետարաններու թարգմանութիւններ։ Այդ թուականէն ետք` իբր արդիւնք քրիստոնէական միաբանութիւններու ծաղկումին, բազմացած են այդ թարգմանութիւններուն օրինակները։ Հակառակ աւերներուն եւ մատենադարաններու փճացումին, մեզի հասած են քանի մը ձեռագիրներ` գրեթէ ամբողջական, ինչ որ մեզի առիթ ընծայած է ճանչնալու սայիտական բնագիրը իր ամբողջութեան մէջ։ Ամէնէն ամբողջական օրինակը` Մորկան Ձեռագրի թ. 569, մագաղաթի վրայ գրուած է` Ը. կամ Թ. դարուն։ Ամենահին աղբիւրներու հասնելու եւ զանազան թարգմանութիւններ բաղդատելու նպատակով` շատ հետաքրքրական է սայիտական թարգմանութեան հին հատուկտորներու ուսումնասիրութիւնը։ Բնագրական քննութեան այս աշխատանքը` որով կը պարապին աստուածաշնչական ուսումներու մեծ թիւով մասնագէտներ, իբր նախնական աշխատանք` կը պահանջէ գոյութիւն ունեցող բոլոր հատուկտորներու ցուցակին պատրաստութիւնը։ Պալեսթրիի (1904 թ.), Իվեռնայի (1896-1897 թթ.), Վաքալտէի (Revue biblique, 1902 թ.) հրատարակած Աստուածաշունչի սայիտական հատուկտորներու

330


ցուցակներէն ետք, ունինք Հոռնըրի (Լոնտոն, 1911-1924 թթ.) կոթողային գործը` ուր բազմաթիւ մագաղաթներէ զատ, կայ նաեւ հրատարակութեան ժամանակ ծանօթ` պապիրոսի վրայ գրուած 14 հատուկտորներու ցուցակ մը։ Հոռնըրի գիրքէն մինչեւ այսօր, աւետարանական սայիտական պապիրոսներու սիստեմաթիկ ցուցակ չէ հրատարակուած։ Հետաքրքրական է սակայն նշել հարցին այժմու կացութիւնը եւ պրպտողին տրամադրութեան տակ գտնուող` ներկայիս գոյութիւն ունեցող հատուկտորներու վայրը։ 1957 թ. առիթ ունեցանք հանդիպելու Սուրբ Մատթէոսի Աւետարանին համապատասխանող նոր հատուկտորի մը. մեր պապիրոսը արդէն գոյութիւն ունեցողներուն հետ համեմատելու համար` ձեռնարկեցինք պապիրոսի վրայ գրուած ղպտական բարբառով աւետարանական հատուկտորներու մեթոտիկ պրպտումի. այս հետազօտութիւնը գլուխ հանուեցաւ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի գլխաւոր մատենադարաններուն մէջ` անձամբ եւ թղթակցութեամբ։ Միշտ դիմելով մատենագիտութեան եւ ձեռագրաց ցուցակներուն, կրցանք պատրաստել ցանկ մը` զոր բաւական ամբողջական կը նկատենք։ Այս յօդուածը չընդարձակելու համար, զանց պիտի ընենք բնագիրներու համաձայն քսան հատուկտորներու կարգաւորեալ ցուցակը։ Այս հատուկտորներուն հնագրական ուսումնասիրութիւնը եւ բնագրային քննութիւնը չէ աւարտած, սակայն կարելի է հաւաստել` առանց որեւէ տարակոյսի, թէ տակաւին հին թարգմանութիւններու շարքին` սայիտական բարբառով ամբողջական բնագիրը չէ գտնուած. ունինք միայն հատուկտորներ` որոնք կը համապատասխանեն կանոնական բնագրին։ Բնագիրը մնացած է անփոփոխ, առանց յաւելումներու, կամ յապաւումներու, հակառակ զանազան լեզուներով բազմաթիւ թարգմանութիւններու, որոնք ցոյց կուտան աւետարանական պատգամին տիեզերականութիւնը։ Սակայն, եթէ բնագրային քննութիւնը կը յաւակնի ամէն անգամ աւելի ճշգրիտ կերպով հասկնալ Սուրբ Գիրքի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւնը, անհրաժեշտ է չանտեսել հին մնացորդներու ուսումնասիրութիւնը` մասնաւորաբար արեւելեան յատկաբանութեամբ եւ ասիկա համեմատութեամբ, սայիտական բարբառով հատուկտորներու, շատ օգտակար է Եգիպտոսի մէջ քրիստոնէութեան զարգացումին մասին տուեալներ հայթայթելու տեսակէտէն։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 4 Մայիս 1979, 65-րդ տարի, թիւ 18.254

331



ԵԼՈՅԹՆԵՐ



ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԱՐԳԱՍԱՒՈՐ` ՄԱՅՐԵՆԻ ՀՆՉԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈԳԵՇՈՒՆՉ ԼԵԶՈՒՈՎ 1975 ¸»Ïï»Ùµ»ñ 7-ÇÝ« ¶³ÑÇñ¿Ç â³ÛùáíëùÇ êñ³ÑÇÝ Ù¿ç ï»ÕÇ Ï’áõÝ»Ý³Û Ûáµ»ÉÇÝ³Ï³Ý Ñ³Ý¹ÇëáõÃÇõÝ ÝáõÇñáõ³Í ³ÃáõÉ ²ÉÃáõÝ»³ÝÇ ³Ýáõ³Ý º·Çåï³Ñ³Û ºñ·ã³ËáõÙµÇ 20-³Ù»³ÏÇÝ »õ ³Ýáñ ÑÇÙݳ¹Çñ Øû© º¹áõ³ñ¹ Ú³Ïáµ»³ÝÇ 35-³Ù»³Û »ñ³Åßï³Ï³Ý í³ëï³ÏÇÝ£ ²Ûë ³éÇÃáí îÇ·ñ³Ý ¶¿áñ·»³Ý ÏÁ ϳñ¹³Û Çñ ËûëùÁ£ Щ ²©

Այն օրէն ի վեր` երբ Կոմիտաս Վարդապետ ճգնեցաւ միջազգային երաժշտագիտական ամպիոններէն բարձրաղաղակ ապացուցանել, թէ հայը ունի ինքնուրոյն դրոշմով երաժշտութիւն եւ երգարուեստ, տակաւ` բոլորէն ընդունելի դարձաւ համաշխարհային երաժշտական մշակոյթին մէջ հայ երգին նուաճած բարձունքները, իր բազմազանութեամբ եւ ճոխութեամբ, այն ատեն հայը նկատուեցաւ երաժշտութեան «բուռն սէր» ունեցող ժողովուրդ մը։ Հայ ժողովուրդը իր բնաշխարհին, հոգեկան կերտուածքին եւ պատմական զարգացումին բերումով, – իմաստասիրաբար կը բնութագրէ երաժշտագէտ Մարգարիտ Բրուտեան, – ստեղծած է հայ երգը որպէս իր հոգեկան աշխարհին բնական եւ զուսպ արտայայտութիւնը, որպէս իր ներքին մղումներուն արտացոլումը, որպէս իր կեանքը յառաջ տանող մեծ ոյժը։ Ինչպէս ժամանակներու անմիջական տպաւորութիւններուն մէջ ալ կ’արտացոլայ, իրապէս մեծ ոյժ մը դարձած է հայ երգը իր ազգային բնոյթով եւ ազգային էութեամբ, երբ Կոմիտաս յաջողած է հայրենասիրական անշէջ կրակը վառել այդ օրերուն արդէն իսկ քաղքենիացած Եգիպտոսի իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն սիրտին մէջ։ Նոյն ժամանակակիցները վկայած են թէ ականատես եղած են երգչախմբային արուեստի անսովոր երեւոյթի մը, երբ Վարդապետին ճպոտին մոգական ազդեցութեամբ երգչախումբին կատարումները ստեղծած են հայ երգին գունագեղ մթնոլորտը։ Երջանիկ պատահականութեամբ` ըլլայ Աղեքսանդրիոյ թէ Գահիրէի մէջ, Կոմիտաս հիմը դնելով հայկական երգչախմբային արուեստին, տասնական թուականներէն սկսեալ, Եգիպտոս նկատուած է ազգային երաժշտական մշակոյթի օճախներէն մէկը, ուր այսօր հայ երգին հմայքով կ’ապրին նոյնիսկ մեզ հիւրընկալող մեր եգիպտացի եղբայրները։ ***

335


Կոմիտասի երանաւէտ օրերուն յաջորդած արհաւիրքի տարիներէն ետք, տասնամեակներէ ի վեր, վարպետներու վարպետին հայրենասիրական առաքելութեան փոխանցիկ դրօշը խմբավարէ խմբավար փոխանցուելով, յանձնուած է Մօ. Եդուարդ Յակոբեանին, որ քսան երկարաձիգ տարիներու ընթացքին մեծ պատիւով եւ նուիրականութեամբ ի ձեռին կը պահէ զայն։ Նիցչէի արտայայտութեամբ, ինչ որ լաւ է ժառանգական է, ինչ որ փոխանցուած չէ անկատար կ’ըլլայ եւ սկզբնաւորութիւն մըն է։ Այսպէս է` որ եգիպտահայ գաղութին մէջ ստեղծուած լաւագոյն աւանդոյթները կիրարկելով, Յակոբեան սկզբնաւորեց երաժշտական փրոֆեսիոնէլ գործունէութեան նոր շրջան մը։ Մամուլը անվերապահ գնահատեց` թէ հայ երաժշտութեան նուիրուած առաջին նուագատօնով, Յակոբեան արդէն համակրելի դարձուց ինքզինք։ Ասիկա եղաւ Յակոբեանի անընդմէջ յաջողութիւններուն եւ համերգային անդուլ գործունէութեան մեկնակէտը։ Իսկ այս գործունէութեան մէջ միշտ կեդրոնական դիրք գրաւեց Յակոբեանին կազմած եւ իր կողմէ ղեկավարուող Եգիպտահայ Երգչախումբը, որ յետագային Թաթուլ Ալթունեանի անունը կրելու պատիւն ալ ունեցաւ։ Անդրանիկ համերգէն ի վեր Յակոբեանին շուրջ կը բոլորուին երգեցողութեան արուեստին վարժ կամ բոլորովին համբակ անձեր, որոնց բոլորին ալ վարպետ խմբավարը կ’ընտելացնէ հայ երգի ձայնեղանակներու առանձնայատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ զանոնք հարազատօրէն արտաբերելու իւրայատուկ երանգներուն։ Երգային սեռերու բազմազանութեամբ կազմուած բարձր կարգի համերգները վաղուց նուաճած են Եգիպտոսի երաժշտասէր հասարակութեան համակրանքը։ Այսօր, հասունցած եւ իւրայատուկ դիմագիծ ստացած երգչախումբը կրնայ մեկնաբանել դժուարին ստեղծագործութիւններն իսկ վստահօրէն, անբռնազբօս, անկեղծութեամբ, մերթ վիրթուոզաբար կամ հրայրքով, նրբօրէն արձագանգելով խմբավարի ձեռքի իւրաքանչիւր շարժումին։ Իսկ Յակոբեանի խմբավարական շնորհներուն մասին «կշռոյթ եւ ջերմութիւն ունեցող խմբավար է», կը վկայէ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, արուեստագիտութեան թեկնածու Ցիցիլիա Բրուտեանը։ Հմտութեամբ եւ ջանադիր աշխատութեամբ Յակոբեան յաջողեցաւ կատարողական ամաթէօրիզմը բարձրացնել նոր աստիճանի մը, երգչախմբային արուեստի փրոֆեսիոնէլ վարպետութեան մակարդակին։ Եգիպտահայ Երգչախումբին կատարումներուն բարձր մակարդակին մասին օտար մամուլին դրուատական յաճախակի քննախօսականները, առիթ եղան, որ Գահիրէի Օփերայի ղեկավարութիւնը Մօ. Յակոբեանին վստահի Պետական երգչախմբային դպրոցին խմբավարի պատասխանատու պաշտօնը, ինչպէս նաեւ

336


նոյն հիմնարկին քննիչ յանձնախումբին անդամակցութեան հրաւիրէ քանիցս։ Հայ երգին հմայքը ամենուրեք սփռելու ջանադրութեամբ Եգիպտահայ Երգչախումբը միշտ յօժարակամ աջակցած է մշակութային այլազան ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ հիւրահամերգներով հանդէս եկած է մայրաքաղաքին եւ Աղեքսանդրիոյ օտար մշակութային միութիւններու բեմերուն վրայ, ամէն առիթով արժանանալով մամուլին բարձր գնահատանքին։ Անհրաժեշտաբար պէտք է յիշատակել, որ Եգիպտահայ Երգչախումբի անդամներուն բարեացակամութեան շնորհիւ միայն կարելի եղաւ համալրել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Շնորհալի երգչախումբին կազմը, երբ տասնեակ մը տարիներ առաջ, Մօ. Յակոբեանի կը վիճակուէր ստանձնել գրեթէ կազմալուծուած երգչախումբին ղեկավարութիւնը։ Երգչախումբին գործունէութեան կարեւոր իրադարձութիւններէն պէտք է նկատել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին եւ անգլիախօս կարգ մը եկեղեցիներու մէջ կայացած սրբազան համերգները, որոնք տաճարային լրջութեան համապատասխան բարձրորակ կատարումներ եղած են, միջնադարեան երգարւեստի հարազատ մեկնաբանութեամբ։ Երգչախումբի մասին եղած բազմաթիւ արտայայտութիւններէն մենք ընտրեցինք երեք բնորոշ հատուածներ։ Միջին Արեւելքի ֆրանսատառ կարեւոր օրաթերթերէն Լա Պուրս էժիփսիէն երգչախումբին միջոցով կը ճանչնայ հայ ժողովուրդն ու հայ երգը, որուն դրուատիքը կը յաջողի հիւսել հետեւեալ կերպով. Լաւ էր երգչախումբը որուն շնորհիւ կարելի էր իսկոյն ճանչնալ խոյանքը եւ համոզումը ժողովուրդի մը, որ կը սիրէ երգը, եւ որուն համար երգը սրտաբուխ արտայայտութեան միջոց մըն է։ Ֆրանսատառ ուրիշ օրաթերթ մը Լը Փրոկրէ էժիփսիէնի արուեստի քննադատը կը նշէ, թէ Մօ. Յակոբեան օժտուած երաժիշտ մըն է եւ խանդավառ ոգեշնչող մը։ Ան ձեռներէցութեամբ ղեկավարեց երգչախումբը եւ մեզի հրամցուց հայ ժողովուրդի հոգիին թրթռուն արտայայտութիւնը եղող համերգ մը։ Յունական գաղութին Ֆոս օրաթերթը որ միշտ բարի նախանձով արձագանգած է Յակոբեանի յաջութիւններուն, առիթով մը յայտարարած է թէ Իր բացառիկ կատարումներով երգչախումբը գերազանցեց բոլոր երգչախումբերը։

337


Օտար մամուլի քննախօսականներէն ետք, երգարուեստի հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու երեք յատկանշական կարծիքներով կ’ուզենք փակել Եգիպտահայ Երգչախումբին նուիրուած մեր թռչնաթիռ ակնարկը։ Հայկական ՍՍՌ Ալ. Սպենդիարեանի անուան Լենինի շքանշանակիր օփերայի եւ բալետի պետական ակադեմիական թատրոնի մենակատարուհի Աննա Նշանեան վերյիշելով Եգիպտահայ Երգչախումբին իր անդամակցութիւնը եւ երգչախումբին վիճակուած առաքելութիւնը յուզումով կը բացագանչէ. Չէ՜ որ նա սրբութեամբ պահպանել է եւ պահպանում է հա՜յ երգը, հայու ոգին այն գաղութին մէջ որտեղ ես սկսայ իմ արուեստի առաջին քայլերը հասնելով մայր օփերային արուեստի բեմահարթակը։ Երկրորդը պետական անձնաւորութեան մը սրտառուչ վկայութիւնն է։ Ներգաղթի լիազօր-պատուիրակ Լուդվիգ Գէորգեան ականատես ըլլալով երգչախումբի եռանդուն գործունէութեան, հայրենիքէն կը գրէ. Դուք որ հեռու էք հայրենիքից տարածութեամբ, անչափ մօտիկ էք նրան սրտով ու երգով։ Ձեր ամէն մի երգում հայրենիքն է երգւում։ Թող ուրեմն շուտով իրականանան հայրենիքի նկատմամբ կարօտ հայի պայծառ ցանկութիւնները։ Երաժշտագէտ Մարգարիտ Բրուտեան Եգիպտահայ Երգչախումբին գործունէութեան հասարակական-քաղաքական մեծ նշանակութիւն մը վերապահելով, կը գրէ. Թերեւս այդքան մեծ չըլլար եւ կամ ազգային նեղ սահմաններու մէջ պարփակուելու յաւակնութեամբ բնորոշուէր երգչախումբին գործունէութիւնը, եթէ ան չնպաստէր տարբեր ազգերու միջեւ այս պարագային հայուն Եգիպտոսի մէջ հիւրընկալող արաբ ազնիւ ժողովուրդին հետ բարեկամական ամուր եւ հաստատուն կապերու ստեղծումին։ Ատով երգչախումբը հաւատարիմ կը մնայ մեր դարուն առաջաւոր մարդկութեան նշանաբանին այն է խաղաղութիւն աշխարհին։ Սովետահայ երաժշտագիտութիւնը բերկրանքով կ’ընդունի, որ սփիւռքահայ երաժիշտներուն հատուածը մեծ եւ նշանակալից մասը կը կազմէ ամբողջ հայ երաժշտական արուեստին։ Աւելին, առանց այդ հատուածին կը շեշտեն փրոֆեսիոնէլ երաժշտական մշակոյթի զարգացումի ուղիները հետազօտողները, կարելի չէ ճիշտ եւ ամբողջական պատկերացում ունենալ հայ երաժշտական մշակոյթի պատմութեան համար։ Հայրենաբաղձ հնչիւններու խորամուխ հետազօտողը` Ցիցիլիա Բրուտեան, սփիւռքի հայ երգահաններուն մեներգներն ու խմբերգները կազմած պահուն,

338


քնքշօրէն կը խոստովանի, որ Եդուարդ Յակոբեանի անունը հայրենիքի մէջ դարձած է ամենասիրելի անուններէն մէկը, շնորհիւ այն ազգանուէր եւ առաքինի երաժշտական հասարակական աշխատանքին զոր ան կը կատարէ։ Ճիշտ այդ ազգանուէր աշխատաւորն է, որ երեքուկէս տասնամեակի հեռաւորութենէն գալով` նոր հանգրուանի մը սեմին, այսօր պահիկ մը միայն կանգ կ’առնէ խոնարհաբար ընդունելու մեր մշակութասէր ազգէն իրենց ընծայուած գնահատանքը։ Հայկական գաղթօճախներու տարեգրութիւններուն մէջ հազուադէպօրէն կարելի է հանդիպիլ համազգային մեծարանքի արժանացած բազմակողմանի տաղանդի տէր գործիչներու անուններուն յիշատակութեան։ Մօ. Ե. Յակոբեան համազգային ցնծութեամբ պատուի արժանացող հազուագիւտ գործիչ մըն է, օժտուած մարդկային բնաւորութեան ամենէն հմայիչ գիծերով` պարզութեամբ, համեստութեամբ, ընկերասիրութեամբ. ահա այս բոլոր շնորհներուն համադրումով` իր անձին շուրջ ստեղծած է համակրանքի եւ յարգանքի զգացում։ Համակ շարժում եղող անձ մը` ինչպիսին է Մօ. Յակոբեանը, պէտք է ճանչնալ աշխատանքի պահուն. եւ մենք իրեն ծանօթացանք իր խմբավարական յաջողութիւններուն ընդմէջէն։ Սակայն Յակոբեանի ղեկավարական յաջողութիւնները երբեք չեն կլանած իր ստեղծագործելու բուռն թափը։ Եգիպտահայ հասարակական կեանքի զանազան ոլորտներուն մէջ յղկուած ամենէն ժողովրդական գործիչն է Եդուարդ Յակոբեան, որուն ստեղծագործական ուղին պիտի ջանանք ուրուագծել իր անձնական հարուստ արխիւէն մեր քաղած տեղեկութիւններով։ Դարուս երկրորդ տասնամեակին սկիզբը` Մարտի առաջին եօթներեակին, գիւղատնտեսական բարգաւաճ Ֆայում գիւղաքաղաքը առժամանակեայ կայք հաստատած դեղագործ Ստեփան եւ Սրբուհի Յակոբեանի նորակազմ ընտանիքը բերկրանքի նոր պահեր կ’ապրէր երկրորդ մանչուկի մը բարձրաճիչ հնչիւններով...։ Չենք գիտեր թէ այդ պահուն, գորովոտ մայրը կը նախազգար, որ հնչիւններու թովչանքը օր մը, փառաւոր բարձունքներ պիտի առաջնորդէր նորածին մանուկը...։ Մանկութեան վաղ տարիքին իսկ Յակոբեան կը դրսեւորէ երաժշտական յատուկ ունակութիւն եւ խմբավարական ձիրք։ Առիթով մը իր անձնական յուշերուն մէջ, թռուցիկ կերպով կ’ակնարկէ թէ իր կազմակերպած «համերգին» համար կ’օգտագործէ պղնձեայ ամաններէն բաղկացած բախողական գործիքներ, որոնց հանած ժխորէն յաճախ փախուստի դիմած են ունկնդիրները...։ Յակոբեան իր մտաւոր կազմաւորումը կը պարտի կրթական եւ ուսումնական երեք հաստատութիւններու, Գալուստեան Ազգային Վարժարանին, Ֆրէրներու Խորոնֆիշ Վարժարանին եւ Փարիզի Սեզար Ֆրանքի անուան Երաժշտանոցին։

339


Իսկ հոգեւոր զարգացումին համար Յակոբեան շատ բանով պարտական կը համարի ինքզինք, Պէրպէրեան արուեստագէտ եղբայրներուն, որոնց հիմնած վարժարանին «արդիւնաւէտ գոյութեան վերջին տարիներու» գործունէութեան ականատես եղած է։ Հակառակ երաժշտութեան հանդէպ ցուցաբերած ակնյայտ ձիրքերուն` կարելի է ըսել, թէ այդ ուղղութեամբ իրեն ընձեռուած օժանդակութիւնը եղած է բաւական ժլատ. երաժշտական նախագիտելիքները սորված է Գալուստեան Վարժարանի երգեցողութեան ուսուցիչ Ղ. Ղազարոսեանէն եւ ջութակահար Վահան Բարսեղեանէն։ Այս կարճատեւ ուսումնառութեան յաջորդած է ինքնաշխատութեան երկարատեւ շրջանը երբ Յակոբեան յամառ որոնումներով կրցած է օգտուիլ պետական գրադարանի երաժշտագիտական ֆոնտերէն, անյագօրէն ուսումնասիրելով երաժշտութեան տեսութիւնը եւ պատմութիւնը։ Սեզար Ֆրանք Երաժշտանոցի քառամեայ ընթացքը բոլորելով, Յակոբեան կը մասնագիտանայ` ղեկավարութեան-խմբավարութեան, ստեղծագործութեան եւ երաժշտագիտութեան մէջ։ Ուսանողական շրջանին Սկովտիոյ մէջ կայացած միջազգային երիտասարդական փառատօնի մը մասնակցելով, ջութակի համար յօրինած հայաշունչ կտորով եւ իր իսկ կատարումով արժանացած է Լինլիթկոշայր Կազէթի ջերմ գնահատանքին։ Անխզելիօրէն կապուած մեր ժամանակի յառաջադէմ գաղափարներուն, վերածնուող հայրենիքի իրականութեան, իր հարազատ ժողովուրդի ճակատագրին, Յակոբեանի առաջադրանքը եղած է պահպանել եւ զարգացնել հայ ժողովուրդին հոգեկան հարստութիւնները։ Դեռ տասնվեցամեայ պատանի Յակոբեան ոգեշնչուած հայ բանաստեղծական արուեստի քնարականութենէն, Մեծարենցի Վայրի ծաղիկ բանաստեղծութեան շունչ եւ կենդանութիւն տալով կը վերածէ շատ գողտրիկ երգի մը։ Քաջալերուած այս առաջին փորձէն` յաջորդաբար կը յօրինէ նոր երգեր, օգտագործելով իր եղբօր Ժագին բանաստեղծութիւնները։ Այս երգերուն առաջին մեկնաբանողները եղած են անցեալի սիրուած երգիչներէն Գոհար Խաչատուրեանն (յետագային Ս. Միութեան Ժողովրդական Արթիսթ Գոհար Գասպարեան) ու Լորիս Աբրահամեանը։ 1943 թ. սկսեալ Մօ. Յակոբեան իր հեղինակութիւններէն հրատարակած է Զարիֆեանի բանաստեղծութիւններով Երկու երգը, Քուչակեան տաղերը, Սիրոյ երգերը, Թէքէեանի Մահերգ նահատակացը երկու տպագրութեամբ։ Հայ հոգեւոր գանձարանի անսպառ բովանդակութիւնը պեղելով Յակոբեան հրատարակած է Հայկական պատարագի տաղեր եւ մեղեդիները, Ալիք յանցանացը, Երեք տաղերը։

340


Յակոբեանի միւս կարեւոր աշխատութիւններն են Դպրոցի ճամբան մանկական եւ դպրոցական երգերու հաւաքածոն, Կոմիտասի հմայքին տակ երաժշտական ուսումնասիրութիւններու եւ քննախօսականներու ժողովածուն, ինչպէս նաեւ Ա. Խաչատուրեանի մասին ֆրանսերէն պրակ մը։ Ահա թէ ինչպիսի արգաւանդ միտք մըն է Եդուարդ Յակոբեան, որուն նախասիրութիւնները թէեւ ճիւղաւորուած են, սակայն ընթացած են նոյն հունէն։ Հակառակ ֆրանսական երաժշտական դպրոցին որոշ ներկայութեան, Յակոբեանի մօտ վարպետօրէն պահուած է հայ երգին կառոյցը, ազգային ոգին եւ մեղեդայնութիւնը։ Իր ստեղծագործութիւնը ոգեշնչուած է մասամբ միայն արեւելեան եւ գերագոյն չափով հայկական ժողովրդական երաժշտութենէն։ Յակոբեանին երգերը ստեղծուած են աւիւնով, որոնցմէ իւրատեսակ բանաստեղծական հմայք կը բուրէ, գրած է երաժշտագէտ Ցիցիլիա Բրուտեան։ Դարձեալ նոյն երաժշտագէտին վկայութեամբ Յակոբեանի երգային ստեղծագործական ոճին համար բնորոշ առանձնայատկութիւններն են նրբակերտութիւնը եւ երաժշտական հենքին թափանցիկութիւնը։ Աւետիք Իսահակեանի խօսքերով գրուած Քնարական երգերը Յակոբեանի ազգային ստեղծագործական ոգիին լաւագոյն արգասիքը կը նկատուին։ Այդ երգերէն մէկը Նուռ ու խնձոր վերջերս լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ, Աւետիք Իսահակեանի 100-ամեակին առիթով հրատարակուած Երգեր եւ ռոմանսներ ժողովածուին մէջ։ Երաժշտագէտ Նիկողոս Թահմիզեան նոյն ժողովածուի ներածականին մէջ, Յակոբեանի Արեւի պէս երգը կը դասէ Իսահակեանի խօսքերուն վրայ գրուած ստեղծագործութիւններէն այն խումբին, որոնք յօրինուած են մասնագիտական բարձր մակարդակով եւ առարկայականօրէն ու խստօրէն դատելով առանձնանում են գեղարուեստական ակնառու արժանիքներով։ ԺԶ. դարու մեծ սիրերգակին` Նահապետ Քուչակի տաղերուն վրայ, ձայնի եւ դաշնամուրի համար յղացումը` դարձեալ Յակոբեանի ազգային ոգիի լաւագոյն պտուղներէն կը նկատուի։ Այս ստեղծագործութիւններուն մէջ օգտագործուած են միջնադարեան երգային առանձնայատկութիւնները։ Յակոբեանի «պարզ, բայց գունեղ եւ թարմ ներդաշնակութեամբ» յօրինուած երգերու կատարումով` հանդէս եկած են եւ կը շարունակեն գալ սովետահայ եւ սփիւռքահայ լաւագոյն երգիչները։ Այդ երգերը եթերին յանձնուած են Գահիրէի եւ Երեւանի ռատիոյի ու հեռուստատեսի կայաններէն։

341


Այն շրջանին` երբ Յակոբեան կը հրատարակէր Հայկական պատարագի տաղեր եւ մեղեդիները, հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը սովետահայ երաժըշտագէտներու ուշադրութեան առարկան չէր դարձած տակաւին։ Ճիշտ այդ նկատառումով` արուեստագիտութեան թեկնածու Ռոբերտ Աթայեան, ժողովածուին հրատարակութիւնը շատ ուրախալի գտնելով, կը գրէ` թէ Ձայնագրութիւնը խնամքով եղած է, բանիմացութեամբ, առանց ազգային ոճը խաթարելու. բան մը` որ նման տեսակի երաժշտութեան մէջ դժբախտաբար յաճախ կը տեսնենք։ Այս ժողովածուն` որպէս վստահելի աղբիւր, յաճախ կ’օգտագործուի բանասիրութեան մէջ։ Յակոբեանի ստեղծագործական հունին մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն նաեւ ժողովրդական, գուսանական եւ քաղաքային երգերու բարձրարուեստ մշակումները։ Կոմիտասի յիշատակը եւ անոր անվախճան գործը փառաւորելու սահմանւած ձեռնարկ մըն է երաժշտական ուսումնասիրութիւններ եւ քննախօսականներ պարփակող Կոմիտասի հմայքին տակ ժողովածուն։ Հատորը` իր երեք բաժիններով, ի յայտ կը բերէ հեղինակին տածած անսահման սէրն ու եռանդը` ի սպաս հայ երգին ընկալումին եւ տարածումին։ Սրտառուչ ներբողէ մը ետք, ջերմ շունչով կ’ուրուանկարուին կոմիտասեան սաւառնաթեւ հմայքին ականատես եղող առաջաւոր գրողներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ։ Ժամանակակիցներու յուշերը` կամ նոյնիսկ անցողակի վկայութիւններն ու մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին հեղինակին եղած յայտնութիւնները թելատելէ ետք, Յակոբեան զանոնք կը վերածէ սիրուն գործուածքներու, որոնք անտարակոյս, կոմիտասեան մեծածաւալ փաննոյին լրացուցիչ դրուագները պիտի դառնան օր մը։ Կոմիտասագիտութեան կալուածին մէջ իր ներդրած շատ կարեւոր աւանդներուն համար` 1969 թ. աշնան, Յակոբեան հրաւիրուեցաւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակի երեւանեան տօնակատարութիւններուն։ Հարեւանցի ակնարկ մըն ալ եթէ Յակոբեանին հրատարակելի աշխատութիւններուն վրայ ձգենք` կրնանք հաստատել անոր անսպառ եռանդին տարողութիւնը. սենեկային, համանուագային եւ երգային ստեղծագործութիւններ, հայ երգին դարաւոր կեանքին մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը, Պոլսահայ երաժըշտապետները, Մխիթարեան երաժիշտ հայրերը, Կոմիտաս Եգիպտոսի մէջ, Հայ օփերեթային գործիչները, Ազգային-հայրենասիրական երգերու հեղինակները, Լիպարիտ Նազարեանց, Պէրպէրեան ընտանիքին երաժիշտ անդամները,

342


երաժիշտ հայրապետներու ակնարկ-դիմանկարները։ Սակայն Յակոբեանի գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւններուն փառքն ու պսակը պիտի կազմէ` Համբարձում Լիմոնճեանին եւ հայկական ձայնագրութեան գիւտին նուիրուած մենագրութիւնը։ Յակոբեան իր ստեղծագործական աշխատանքին զուգահեռ` բեռնաւորուած է նաեւ հասարակական գործունէութեամբ, գեղարուեստականութեան` վարպետօրէն զուգակցելով գաղափարականութիւնը։ Այդ խոր համոզումով է, որ հայ երաժշտական միտքը եւ հայ մշակոյթի այլ եւ այլ երեւոյթները` պարբերական ասուլիսներով եւ բանախօսութիւններով կը ծանօթացնէ հայ մտաւորական եւ աշխատաւոր զանգուածներուն, ինչպէս նաեւ օտար հասարակութեան։ Իր պերճախօս ելոյթներով` Յակոբեան կը յաջողի դիւթել ունկնդիրները. արդարացի է գրագէտ Միքայէլ Կիւրճեան, երբ բանախօսութեան մը մէջ մոգութիւն եւ կախարդութիւն նկատած է։ Իսկ Լը Փրոկրէ էժիփսիէնի գրոնիկագիրը` Յակոբեանի ճանչցած է որպէս հմուտ պատմաբանի արժանիքներով` հոյակապ դասախօս մը։ Երաժշտական-հասարակական գործունէութեան առընթեր` Գալուստեան եւ Նուպարեան վարժարաններուն մէջ, Յակոբեանի ստանձնած մանկավարժական պաշտօնները` լայն հնարաւորութիւն տուած են իրեն ծանօթանալու մանուկներու աշխարհին։ Անոր կազմած եւ ղեկավարած` Ազատ Մանուկեանի անուան մանկական երգչախումբին կատարումները ունկնդրելով, երաժշտագէտ Ցիցիլիա Բրուտեան` Գահիրէ այցելութեան ընթացքին կը հաստատէ, որ Յակոբեանի յօրինումները` Ազգային լեզուի, մանկական հոգեբանութեան գիտակցութեան, կենսուրախութեան, պատկերներու եւ տրամադրութիւններու առկայութեան լաւագոյն գրաւականներ են։ Երաժշտական լեզուի թարմութեամբ, ջերմութեամբ եւ անկեղծութեամբ յօրինուած մանկական-դպրոցական երգերէն փունջ մը` Դպրոցի ճամբան խորագրով, լոյս տեսաւ Գալուստեան Վարժարանի Ուղի աշակերտական պարբերաթերթին խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ։ Ուրախալի է նշել` թէ հաւաքածոյէն բազմաթիւ երգեր, արդէն իսկ ընդհանրացած են Հայաստանի դպրոցներու մէջ, իսկ Միջին Արեւելքի դպրոցները ուրախութեամբ ընդունած են «այս օգտաշատ ձեռնարկը»։ Հալէպէն` երաժշտութեան ուսուցիչ Ժան Տապանջաճեան հարկ կը զգայ ըսելու, որ իրենց գաղութին համար նորութիւններ են այդ երգերը, թէ փոքրիկները շատ սիրած են այդ գողտրիկ երգերը։ Կարծէք հաստատելու համար իր խօսքը` կը շեշտէ, թէ

343


Անոնք կը փափաքին քանի մը անգամ երգել նոյն երգը, եւ ես սիրով տեղի կու տամ իրենց խնդրանքին։ Մեր տան մէջ ալ պզտիկները կը հնչեցնեն նոյն երգերը...։ Ահաւասիկ պերճախօս գնահատանքը` արուեստագէտին մտայղացումներուն։ Կ’ուզենք Եդուարդ Յակոբեանի վաստակը շրջանակել` Երեւանի գեղարուեստա-թատերական ինստիտուտի փրոֆեսէօր, Արուեստի Ինստիտուտի տնօրէն, արուեստագիտութեան դոկտոր` Ռուբէն Զարեանի սրտաբուխ մաղթանքով. Ես շատ ուրախ կը լինէի, եթէ հայկական ամէն մի գաղթօջախում հանդիպէի իրենց գործը սիրող եւ իրենց ասպարէզին նուիրուած Յակոբեանների։

Յուսաբեր, 23, 25, 26, 29, 30 Դեկտեմբեր 1975

344


ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՂՊԱՂԱԿԱՍԵՂԱՆԸ

ՕՐՈՒԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊՐ. ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ 1978 ÚáõÉÇë 16-ÇÝ« лÉÇáåáÉëáÛ Îáϳݻ³Ý êñ³ÑÇÝ Ù¿ç ï»ÕÇ Ï’áõÝ»Ý³Û ï³ñ»Ï³Ý å³Õå³Õ³Ï³ë»Õ³ÝÁ` Ç å³ïÇõ Ñ³Û ßñç³Ý³õ³ñïÝ»ñáõÝ« ݳ˳·³Ñáõû³Ùµ ѳۻñ¿Ý É»½áõÇ ³õ³· áõëáõóÇã äñ© îÇ·ñ³Ý ¶¿áñ·»³ÝÇ£ ²Ûë ³éÇÃáí ¶¿áñ·»³Ý ÏÁ ϳñ¹³Û Çñ ËûëùÁ£ Щ ²© Անտարակոյս, մեր համայնքային կեանքին մէջ ամենալայն ժողովրդականութիւն վայելող հանդիսութիւնը` կրթական բոլոր հանգրուաններէն շրջանաւարտ հայ աշակերտներուն ի պատիւ սարքուած տարեկան այս ընդունելութիւնն է, որուն յաջող արդիւնքին համար` կազմակերպիչ զոյգ երիտասարդաց յանձնախումբերուն բոլորանուէր ջանքերը ամէն դրուատիքի արժանի կը նկատենք։ Համակրելի երիտասարդներուն կողմէ մեզի ընծայուած պատիւէն օգտուելով, ազգային զոյգ վարժարաններու մեր հայ պաշտօնակիցներուն անունով` սրտանց կը շնորհաւորենք հայ թէ օտար դպրոցներէ շրջանաւարտ մեր տղաքն ու աղջիկները, համալսարանաւարտ մեր երիտասարդները, բոլորին մաղթելով` որ ներկայի եւ յառաջիկային ձեռք բերուելիք յաջողութիւններէն խթանուած, լծուին մարդկային գիտակցական գործունէութեան` գոնէ մասամբ վերափոխելու համար եգիպտահայ հասարակական կեանքը։ Սիրելի աղջիկներ եւ տղաք, Յարգելի ծնողներ եւ կրթասէր ներկաներ. Եգիպտոսի մէջ կրթական գարթօնքին 150-ամեակը կը բոլորենք այս տարի. սկսելով առաջին անշուք դպրատունէն մինչեւ այսօրուան նորակերտ երկրորդական վարժարանները` շնորհիւ հոգեւին նուիրուած ուսուցիչներու անսակարկ զոհաբերումին, մեր գաղութին միշտ մատակարարած են կենսանորոգ անհրաժեշտ աւիւնը։ Յաւե՜րժ փառք` Եգիպտոսի հայոց պատմութեան ծանօթ եւ անծանօթ մնացած բոլոր խալֆաներուն, պատուելիներուն եւ դաստիարակներուն։

345


Ազգային հոգեկերտումի համար շնորհուած դափնիներ` մերօրեայ «որակաւոր» ուսուցիչներուն, եւ նոյնիսկ` նուազ որակեալ բոլոր մանկավարժներուն։ Այս առիթով` թոյլ տրուի մեզի պահիկ մը խորհրդածելու աշխատանքուսում-նպատակ զուգորդութեան, եւ հասարակական կեանքին մէջ անոնց կատարած դերին մասին։ Մարդկային հասարակութեան կազմաւորումի սկզբնական շրջանին` մարդոց գործունէութիւնը ունեցած է շատ պարզ բնոյթ, սակայն ընկերութեան զարգացումին զուգընթաց` սկսած է հետզհետէ բարդանալ. հասարակական գործունէութեան մէջ սկսած են գոյութիւն առնել առանձին օղակներ` որոնք նախ դարձած են նոյն մարդոց տարբեր զբաղումները, յետոյ միայն առանձին մարդոց զբաղումները։ Այդպէս է, որ բուն աշխատանքային գործունէութենէն` ուսումը առանձնացած եւ դարձած է մարդկային գործունէութեան զատ տեսակ. բուն աշխատանքի անջատումէն յառաջ եկած են մտաւոր եւ մարմնական, տեսական եւ գործնական աշխատանքները։ Մարդկային գործունէութեան կարեւոր բնագաւառ նկատուած է ուսումը։ Իմաստասիրական պատկերացումով` ուսումը բուն աշխատանք չի նկատուիր, այլ աշխատանք է միայն ուսուցումը` այսինքն ուսման ընթացքը սորվեցնողին կողմէ. սակայն, ուսումը իբրեւ ուսումնառութիւն` այսինքն ուսման ընթացքը սորվողին կողմէ, սորվողին համար աշխատանք չի նկատուիր, այլ նախապատրաստութիւն մը բուն աշխատանքին համար։ Սորվեցնողը արժէք կը ստեղծէ, իսկ սորվողը արժէք չի ստեղծեր, այլ ձեռք բերուած գիտելիքներով կը զարգանայ անհատապէս, կը հասնի մակարդակի` երբ ինք ի վիճակի է արդէն արժէք ստեղծելու։ Հասարակական կեանքի նախնական շրջանին` ուսումը իբրեւ անջատ գործունէութիւն գոյութիւն չունենալուն, մարդիկ աշխատանքի ընթացքին է, որ ձեռք բերած են իրենց գիտելիքներու պաշարը` համապատասխան հմտութեամբ։ Աշխատանքը հետզհետէ զարգանալով` անհրաժեշտ կը նկատուի, որ մարդիկ իրենց կեանքի սկզբնական շրջանին` յատկապէս նախապատրաստուին ատոր, իւրացնելով եւ կարգաւորելով տարբեր բնագաւառներու մէջ հաւաքականութեան ձեռք բերած փորձը։ Ուսումը ճանաչողութեան ընթացք չէ, հակաւակ որ ուսման ընթացքին է, որ սորվողներ կը ճանչնան իրական աշխարհը։ Ուսումը` ճանաչողութեան արդէն ձեռք բերուած արդիւնքները, մէկ սերունդէն յաջորդ սերունդին փոխանցելու ընթացքն է, կ’ընդունին կարգ մը հեղինակութիւններ։ Ուսումը` իր բնոյթով, մտաւոր գործունէութիւն է, եւ անոր անհրաժեշտութիւնը թելադրուած է հասարակական կեանքի զարգացումով։ Իւրաքանչիւր շրջանի հասարակական կեանքը կ’ունենայ իր ժամանակին բնորոշ միտումը, եւ կեանքը` իր զարգացումի ընթացքով, կ’երթայ դէպի որոշակի

346


վիճակ` զոր կանխաւ կրնան պատկերացնել միայն հասարակական միտքի ներկայացուցիչները, ընդհանուրին շահերուն համար ցանկալի եւ անհրաժեշտ նկատելով զայն։ Նպատակը` իմաստասիրական բնութագրութեամբ, այն հասկացողութիւնն է, որուն մարդ կը ձգտի հասնիլ իր գործունէութեամբ։ Մարդկութեան առաջընթացին համար` մարդիկ միշտ ունեցած են ճշտորոշուած նպատակ, ծաւալած համապատասխան գործունէութիւն, որով հասած են առաջադրուած նպատակին եւ կամ ալ մասնակի արդիւնքներու, ժամանակ մը ետք, ստացուած արդիւնքներուն հիման վրայ առաջադրած են նոր նպատակ, համապատասխան նոր գործունէութեամբ։ Անոնց յաջորդող սերունդները` օգտագործելով նախապէս ձեռք բերուած արդիւնքը, ջանադիր եղած են աւելի բարդ նպատակներու իրագործումին, որով հասած են աւելի մեծ արդիւնքներու։ Այդ ձեւով է, որ իրականացած է հասարակական ընդհանուր զարգացումը։ Այդպէս հաստատուած է, որ հասարակական զարգացումին համար` նպատակը կամ նպատակադրումը կարեւոր գործօն մըն է։ Իմաստասէրներու եւ ընկերաբաններու հաստատ համոզումով` այլեւս կարելի է ըսել, թէ մարդկային հասարակութեան վերջին նպատակը` աւելի կատարեալ հասարակական վիճակ ստեղծելն է։ Թերեւս աւելի համապարփակ նկատուի հետեւեալ բանաձեւումը. Գոյութիւն ունի մէկ միասնական մարդկային գործունէութիւն, այն է` հասարակականարտադրական գործունէութիւնը, որուն նպատակն է վերափոխել աշխարհը` մարդկային պահանջները բաւարարելու ընդունակ տեսք տալով անոր։ Թանկագին աղջիկներ եւ տղաք, Եթէ ընդունինք` թէ գիտակցութիւնն է, որ կը կերտէ աշխարհը, ապա խորապէս համոզուած ենք` թէ այսօրուան մեր գիտակից երիտասարդներն են, որ յստակօրէն տեսնելով իրերու ներկայ կացութիւնը` պիտի կերտեն փառապանծ անցեալով մեր գաղութին նոր կեանքը։ Ֆրանսացի գիտնական բժիշկ Ալեքսիս Գարրէլ կեանքի ընթացքին մասին խորհրդածելով, կ’ըսէ թէ` «լաւատեսութիւնը մեզ զերծ կը կացուցանէ ճիգ ընելէ. ընդհակառակը, չարիքը յստակօրէն տեսնելը` մեզ գործի» կը մղէ։ Ապա ամբողջացնելով իր միտքը` հռչականուն բժիշկը կ’աւելցնէ, թէ «մենք կը վերկանգնինք այն չափով, ինչ չափով որ համոզուինք` թէ ինկած ենք։ Պէտք է ընդունինք` թէ չենք գիտցած մենք մեզ առաջնորդել»։ Վստահաբար` ժողովուրդին առողջ տարրերը, բոլորը կ’ընդունին այս վերջին իրողութիւնը...։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 31 Յուլիս 1978, 64-րդ տարի, թիւ 18.034

347


ՏՈՔԹ. Ա. ԵԱՓՈՒՃԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ՊՐ. ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

1981 سñï 29-ÇÝ« Ð³Û ¶»Õ³ñáõ»ëï³ëÇñ³ó ØÇáõû³Ý ¿ù¿»³Ý êñ³ÑÇÝ Ù¿ç ï»ÕÇ Ï’áõÝ»Ý³Û ×³ßÏ»ñáÛÃ-ÁݹáõÝ»ÉáõÃÇõÝ` ²ñ»õÇ å³ï³ë˳ݳïáõ ËÙµ³·Çñ îáùé ²õ»ïÇë º³÷áõ×»³ÝÇ ÍÝݹ»³Ý 50-³Ù»³ÏÇÝ »õ ·ñ³Ï³Ý ·áñÍáõÝ¿áõû³Ý 30³Ù»³ÏÇÝ ³éÃÇõ£ ²Ûë ³éÇÃáí îÇ·ñ³Ý ¶¿áñ·»³Ý ÏÁ ϳñ¹³Û Çñ ËûëùÁ£ Щ ²© Դեռ մօտիկ անցեալին կ’ըսուէր` թէ հայը կը թերանայ գնահատութեան մէջ. նման պարագաներու անոր մտայնութիւնը աւելի բացասական կերպով կը գործէ, քան դրական։ Յաճախ հեղինակաւոր դէմքեր ափսոսանքով կ’արտայայտուէին, որ «մեր ազգային հոգեբանութեան ամէնէն տկար կողմը` հիացումի, գնահատումի, արդար դատողութեան պակասն է»։ Հոգեբանական վերլուծումները հաստատած են, որ հայուն գաղափարական ձգտումը եւ վերացական խորհողութիւնը` շարունակ կը բխին հայուն էութենէն։ Հասարակական կեանքի հոգեբանօրէն ուսումնասիրութեան ժամանակ կը մատնանշուի` թէ հայկական բոլոր իրադարձութիւններուն շարժիչ ոյժը եղած է վերացական մտածողութիւնը, որովհետեւ հայը «գերազանցապէս գաղափարապաշտ ազգ մըն է», որ նիւթականն անգամ կրցած է սքանչելի կերպով վերածել «տեսլապաշտութեան եւ վերացականութեան»։ Գնահատանքի ոգին ալ` հաւաքականութեան սիրտին մէջ ճառագայթող արեւի շողը կը նկատուի, որովհետեւ անոր միջոցով անհատը կենսունակութիւն կը ստանայ` մարդուն արժանիքին սահմանը ճշտուելով։ Գնահատանքը կը կենդանացնէ, մինչ արժանիքներուն ժխտումը` կը սպանէ։ Հին մարդոց մօտ տիրական եղած էր առհասարակ բացասական ոգին, մինչ ժամանակակից մարդուն մէջ շեշտուած է առաւելաբար դրական ոգին. այդ է պատճառը, որ ըլլայ դաստիարակութեան համար, թէ հասարակական պարտականութիւններու արժեւորումի պարագային` մեծ կարեւորութիւն կը տրուի ցուցաբերուած գնահատանքի ոգիին նկատմամբ։ ***

Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Մեծարգոյ հիւրեր, Ուրախակից բարեկամներ, Պատկերաւոր, գեղեցիկ մտածողութիւնը` ի վերուստ շնորհուած է բանաստեղծներուն. մեր շնորհալի բանաստեղծուհիներէն մէկը կը հարցնէ, թէ`

348


Ապրելու համար ի՞նչ է հարկաւոր. Մի քիչ հաց ու ջուր, մէկ-մէկ էլ` գինի, Սրտիդ մէջ` անանց, տաքուկ մի կարօտ, Եւ յիշատակներ անցած օրերի. Ապրելու համար սէ՜ր է հարկաւոր, Հարկաւոր է, որ մէկը քեզ յիշի...։ Այս պահուն` տօնական իրադրութեան մէջ, Հայ Ազգային Հիմնադրամի ղեկավարութեան գովելի ջանադրութեամբ համախմբուած մշակութասէր հասարակութիւնը` իմաստնացած եօթը տասնամեակներու աւանդոյթներով, կ’ուզէ մեծարել եգիպտահայութեան արժանաւոր զաւակներէն մէկուն` Աւետիս Եափուճեանի հասարակական նուիրեալ աշխատանքը, անոր կեանքին առաջին յիսուն գարուններուն փթթումին առիթով։ Օգտուելով մեզի ընծայուած այս պատեհութենէն, կ’ուզենք մատնանիշ ընել սիրելի Յոբելեարին պատմագիտական վաստակին բնորոշ գիծերը։ Երբ կեանքի յորձանուտը մտաւ` Աւետիս ամրապէս կոփուած էր նկարագրով եւ զարգացումի չափաւոր պաշարով։ Հայրենադարձութեան հրաբորբ շրջանին վաղորդայնն էր. մամուլը` եգիպտահայ կամ յաճախ ալ գաղութահայ կեանքը առաջնորդելու դերով հանդէս կուգար։ Արձակագիր Սահակ Պալըգճեանի կողմէ նկատուելէ ու Կեանք եւ գիր հանդէսին մէջ գրական նախափորձը կատարելէ ետք, Աւետիս եղաւ այն սակաւաթիւ երիտասարդներէն` որոնք Մեթր Նուպար Պէրպէրեանի առաջնորդութեամբ ընտելացան Արեւի «խոհանոց»-ի գործնական աշխատանքներուն։ Արեւ օրաթերթի վերջին երեսուն տարիներուն ամենօրեայ համարներուն բովանդակութեան հետեւողը նկատած է` թէ ժամանակի հոլովոյթին հետ, Աւետիսը մասնաւորաբար փորձած է գեղարուեստական արձակ գործեր թարգմանել (յաճախ մեծածաւալ, յատկապէս հայազգի Վիքթոր Կարտոնի եռագրութեան առաջին երկու մասերը), գրած է հասարակութիւնը հետաքրքրող զանազան հարցերու մասին ակնարկներ, ամփոփած է ընթերցողի իր տպաւորութիւնները, վրձինած է երգիծական քանի մը դիմաստուերներ։ Ինչպէս կը տեսնուի` Աւետիսին տարերքը առաւելաբար լրագրութիւնը եւ թարգմանութիւնն էր, սակայն 1968 թ., բոլորովին անսպասելի շրջադարձ մը կատարելով, գեղարուեստական գրականութեան ծաղկաւէտ պարտէզէն աննկատելի կերպով անցաւ պատմագրութեան քիչ մը չոր անդաստանը, եւ այդ թուականէն սկսեալ` անընդմիջաբար, ընթերցողին ուշադրութեան յանձնեց պատմական շատ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին` թրքական արշաւանքները դիմագրաւելու համար ազգովին կատարուած հերոսական մաքառումները եւ յարակից հարցեր լուսաբանող մենագրութիւններ, որոնք ներկայացուած են

349


մերօրեայ պատմահայեցողութեամբ։ Այսպէս` մեր բազմադարեան պատմութենէն Աւետիս ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուց Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստրկացնողներն ու հայ ժողովուրդին մեծ գոյամարտը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը կազմակերպողն ու անոր հետեւանքը, Արեւմտահայաստանի կարուստն ու անոր պատասխանատուները, հուրէն ու սուրէն վերածնած հայ ժողովուրդը, քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ ընկերային տեսանկիւնէ դիտուած Հայաստանի Հանրապետութեան կացութիւնը։ Հայկական ՍՍՀ Բարձրագոյն եւ Միջնակարգ Մասնագիտական Կրթութեան Մինիստրութեան եւ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին ընձեռած դիւրութիւններուն շնորհիւ, Հայութեան պարծանքը եղող Երեւանի Պետական Համալսարանէն` Աւետիս ստացաւ պատմական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան, Պաքուի հերոսամարտն ու անոր պարտութեան պատասխանատուները գիտական ուսումնասիրութեան համար։ Պատմագիտական գրականութեան մէջ` Պաթումի «ստրկացուցիչ պայմանագիր» որակումով ծանօթ պայմանագիրը առաջին անգամ մանրամասն քննութեան կ’ենթարկուէր եւ կ’արժանանար Գիտական Խորհուրդի միաձայն գնահատանքին։ Այս յաջողութիւնը` ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ եղաւ մեր սիրելի Աւետիսին անկեղծ բարեկամներուն համար, որովհետեւ տասնամսեայ անիմանալի տքնութիւններէ ետք, արդարօրէն նուաճեց այն դափնեպսակը` որ կը զետեղուէր պատմութիւններու թեկնածուի կոչում ստացող առաջին սփիւռքահայու գլխուն։ Փափաքելի է` որ ցարդ անտիպ մնացած այս կարեւոր աշխատութիւնը մօտիկ ապագային հասարակութեան սեփականութիւնը դառնայ։ Աւետիսին յաջորդ աշխատութիւնները եղան` Համառօտ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմութեան, Մեծ Եղեռնը օտար մտաւորականութեան գնահատումով եւ Հայ ժողովուրդին անկախութեան պայքարը Կիլիկիոյ մէջ 1919-1921 թթ. ստուարածաւալ գործը։ Ուրախալի է, որ անցեալի ցաւոտ օրերուն միայն պատմութեան քաջածանօթ Աւետիսը` պատմական մեծ վերափոխումներ կատարուած մեր փառապանծ հայրենիքի տնտեսական եւ մշակութային վերածնունդին բերկրանքն ալ զգաց իր յաճախակի այցելութիւններուն ընթացքին։ ***

Թանկագին Աւետիս, Կեանքի նոր հանգրուանը թեւակոխած պահուդ, եթէ կրկին քեզի հարց տրուի` թէ «Ապրելու համար ի՞նչ է հարկաւոր», մեր երիտասարդ բանաստեղծուհին օգնութեան փութալով, պիտի թելադրէ.

350


Սիրած գրքերը` մատեաններ լոյսի, Մէկ-մէկ քաղցր խօսք, մէկ` կռիւ ու վէճ, Եւ մի անվախճան, մի խաղաղ ժպիտ...։

Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 15 Մայիս 1981, 65-րդ տարի, թիւ 18.850

351


ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔ ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ 1982 ÚáõÝÇë 27-ÇÝ« äÁÉÁùï³Ý»³Ý êñ³ÑÇÝ Ù¿ç ï»ÕÇ Ï’áõÝ»Ý³Û Üáõå³ñ»³Ý ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ³Ù³í»ñçÇ Ñ³Ý¹¿ëÁ£ ²Ûë ³éÇÃáí ѳۻñ¿Ý É»½áõÇ »õ ·ñ³Ï³Ýáõû³Ý áõëáõóÇã îÇ·ñ³Ý ¶¿áñ·»³Ý ÏÁ ϳñ¹³Û Çñ ËûëùÁ£ Щ ²© Սիրելի հանդիսականներ, Մեր եկեղեցիին հասարակաց աղօթքի կարգաւորութեան մէջ` սրտագրաւ սաղմոս կ’ըսուի. Եթէ շրթներս բանաս` Տէր, քու օրհնութիւններդ պիտի երգէ բերանս։ Մեր վարժարանին 58-րդ ուսումնական տարուան աւարտին` այս հանդիսաւոր օրուան առիթով, եթէ Տէրը շրթներս բանայ` բերանս քաղրցահնչիւն բառերով գովքը պիտի հիւսէ մեր թարգմանիչ հայրապետներուն, ասքանազեան ազգին աստուածապարգեւ գիրին եւ մեր մեծասքանչին աննման գեղեցկութեան մասին։ Քանի մը օր ետք, միայն եկեղեցական պաշտամունքով պիտի տօնուի յիշատակը Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի` որոնք աստուածային ներշնչումով զարդարեցին Անեղին իմաստութիւնը, երկրի վրայ հաստատելով կենդանի գիրը։ Թորգոմայ տան այս երկու լուսաւորիչներուն անմահ գործերով` մեր ժողովուրդին մէջ հաստատուեցաւ անմատոյց լոյսին հանդէպ պաշտամունքը։ Մենք` յետնորդները անոնց, միշտ նախանձախնդիր ենք այդ դարաւոր պաշտամունքի անխափան պահպանումին։ Եթէ ուզենք բանաստեղծական լեզուով պատկերացնել, Մաշտոցի մեզի հրիտակածը` այբուբեն չէ, այլ անմատոյց բերդ մը, աննուաճ գանձ մը, փրկութեան դուռը, զարթօնքի նուագը։ Ան է մեր էութիւնը, ուղին ու ընթացքը, զօրավարն ու թագը, ժողովող կանչը, իմաստուն խորհուրդը, ըլլալու հնարը։ Ան է դպրութեան ծառը, ինքնութեան կնիքը, հայու սեղանին հանապազօրեայ հացը, հնձանը ձիրքերուն։ Երգի ղօղանջն է ան, ճառին ճեմարանը, միտքին մարզանքը, հաւատքին մատեանը, անմար ջահին իւղը։ Մեր նախահիմքն է, մեր յոյսին շողը, մեր

352


ճարտար ոգին։ Մեր ռազմի ռումբն է, փառքի ռահվիրան, մեր սէրն ու սիրտը, միշտ ծլող սերմը, վէմ է ու վիմագիր։ Անիկա է մեր տունը ցամաքի եւ տապանը ջուրի։ Սլացքի մէջ րոպէն է, արտին մէջ ցորեանը, անյայտին մէջ ուղին, սխրանքի ժամանակ փառքը. մեր քանքարն է եւ անհատնում օժիտը։ Դեռ անցեալ դարու առաջին կէսին, մեր նոր լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեան կ’ըսէր ժողովուրդին հասկնալի բարբառով. Ախ լեզուն, լեզուն որ չըլլի, մարդ ընչի՞ նման կըլի։ Մէկ ազգ պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն ա ու հաւատքը։ Լեզուդ փոխիր, հաւատդ ուրացիր, էլ ընչո՞վ կարես ասիլ թէ ո՞ր ազգիցն ես։ Եւ խօսքը նորահաս սերունդին ուղղելով կ’աւելցնէ. Ձեզ եմ ասում, ձեզ հայոց նորահաս երիտասարդք, ձեր անունին մեռնեմ, ձեր արեւին ղուրբան. տասը լեզու սովորեցէք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատը ղայիմ բռնեցէք։ Քանաքեռցի մեր լուսաւորիչին այս պատգամը մեր արեւաշող հայրենիքին մէջ սրբութեամբ կը պահպանուի. գալով մեզի` ամէն մէկը կը գործադրէ իր ըմբռնումներուն համաձայն...։ Կեանքի փորձը ցոյց կուտայ, որ ապազգային կրթութիւնը անհատը զրկելով մայրենի լեզուէն, ազգային մշակոյթի հիմքէն, զարգացումի բնական տարերքէն, զայն կը դարձնեն անարմատ։ Դարձեալ ապացուցուած է, որ հոգեկան եւ լեզուական միաձուլումը հարազատ ժողովուրդին հետ` ոչ թէ կը հակասէ, այլ կը նպաստէ դառնալու լայնախոհ, այլասէր. կը սատարէ խորապէս ընկալելու ուրիշ ժողովուրդներու ոգին, կը դիւրացնէ աւելի հիմնաւոր սորվելու օտար լեզուներ։

Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, Յարգելի ներկաներ, Ազգային այս հանդիսասրահին մէջ, ձեր բոլորին բերկրառիթ ներկայութիւնը ողջունելու պատիւը վարժարանիս Պատ. Հոգաբարձութեան կողմէ ինծի ընծայւած ըլլալուն, փափաքեցայ այս հակիրճ խորհրդածութիւնները ձեր ազնիւ նկատառութեան յանձնել։

Յուսաբեր, օրաթերթ, Գահիրէ, 2 Յուլիս 1982 Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 7 Յուլիս 1982 Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 8 Յուլիս 1982

353


ԽՕՍԵՑԱՆ ԼԵԶՈՒՈՎ ԱՆՀՈՒՆ ԳԵՂԵՑԻԿԻ 1983 ö»ïñáõ³ñ 13-ÇÝ« ¶³ÑÇñ¿Ç ²½·³ÛÇÝ ²é³çÝáñ¹³ñ³ÝÇ Ù»Í ¹³ÑÉÇ×ÇÝ Ù¿ç ï»ÕÇ Ï’áõÝ»Ý³Û å³ïáõ³ëÇñáõÃÇõÝ ÞÝáñѳÉÇ ºñ·ã³ËáõÙµÇ ³Ý¹³ÙÝ»ñáõÝ` »ñ·ã³ËáõÙµÇÝ ÑÇÙݳ¹ñáõÙÇÝ 55-³Ù»³ÏÇÝ »õ »ñ·ã³ËáõÙµÇÝ Õ»Ï³í³ñ º¹áõ³ñ¹ Ú³Ïáµ»³ÝÇ ê© Ü»ñë¿ë ÞÝáñѳÉÇ ßù³Ýß³Ýáí å³ñ·»õ³ïñáõ»ÉáõÝ ³éÇÃÝ»ñáí£ ²Ûë ³éÇÃáí îÇ·ñ³Ý ¶¿áñ·»³Ý ÏÁ ϳñ¹³Û Çñ ËûëùÁ£ Щ ²© Ի տաճարի սրբութեան քո քեզ երգեն մանկունք ՇԱՐԱԿԱՆ

Գերշ. Սրբազան Հայր, Շնորհաշատ անդամներ Շնորհալի կիսադարեան երգչախումբի, Ներսէս Շնորհալի շքանշանի արժանընտիր կրող Մօ. Եդուարդ Յակոբեան, Պատկառելի եւ մեծարգոյ հիւրեր, Սխալած պիտի չըլլանք, եթէ այս պահուն բոլորս ալ միահամուռ գոչենք. Այսօր զուարճացեալ ցնծայ եկեղեցի

Իրապէս, այսօր անգամ մըն ալ Թորգոմայ որդիներուն բաշխուեցան անապական հոգիին պարգեւները. անգամ մըն ալ բոլորս լուսաւորուեցանք անստուեր լոյսով։ Արդարեւ, այս երեկոյ անգամ մըն ալ Հայաստան աշխարհի անուշահոտ բոյրով լեցուեցաւ մեր սուրբ եկեղեցին, եւ ահա դարձեալ քիչ առաջ մեզի յայտնուեցաւ գիտութեան հուրը։ Արդ, եթէ պահ մը ուզենք յամենալ պատմութեան քառուղիին վրայ, պիտի տեսնենք Հայաստանի ժողովուրդին հոգեւոր հայրերը առաքեալներ Բարթողիմէոսն ու Թադէոսը, որոնք երկուքն ալ եղան մեր հայրատունկ այգիին պարիսպները հրեղէն եւ աշտարակները բարձր։ Եթէ քիչ մըն ալ յառաջանանք, պիտի հանդիպինք Քրիստոսի խաչազգեաց վկաներուն պարկեշտագեղ Հռիփսիմէին եւ պարկեշտասէր Գայեանէին, ինչպէս նաեւ ամենապարզ ու կենդանարար խաչով ճանչցուած Աստուծոյ միւս

354


ընտրեալներուն որոնք ձգտեցան Քրիստոսի թագաւորութեան առանց ճառագայթարձակ լոյսին։ Ի վերջոյ, մեր հիասքանչ աչքերը պիտի նկատեմ Հայաստանեայց սուրբ եկեղեցւոյ սիւնը վարքով անբիծ, հոգիով արդար, խօսքով ճշմարիտ եւ սիրտով սուրբ Տէր Գրիգորիոսը, ան որ աստուածատունկ դրախտին մէջ ծաղկեալ անմահութեան տունկը մեզի տալով, անոր պտուղը ներկայացուց տիեզերքին։ Այո, կարելի էր եւ անհրաժեշտ էր տիեզերքին ներկայացնել միայն գեղեցկութիւնը այս պարագային երաժշտական միտքի արտայայտութեան միջոցով, որուն մշակումին համար ալ, դարձեալ ռահվիրաններ կը հանդիսանան Ե. դարու եւ բոլոր ժամանակներու յաւերժ պանծալի դէմքերէն, Մաշտոց եւ Սահակ հայրապետները։ Ահա այդպէս է, որ համաշխարհային մշակոյթներու մէջ, փոքր ժողովուրդներու էապէս ոգեկան արժէքներէն դարձաւ հայ երաժշտական մշակոյթը որուն միջնադարեան ժամանակահատուածի բազմաթիւ գոհարներէն կազմուած փունջը, այս երեկոյ անգամ մը եւս արդարացուց երաժշտագէտ հեղինակներու վկայութիւնը։ Մշակոյթի մասին նկատողութիւններ կատարող հեղինակաւոր դէմք մը կը բնորոշէ թէ մշակոյթի մը հիմը կրօնքն է, եւ թէ ընդհանրապէս պարզ հաւատալիքներէ յառաջ կու գան մշակոյթի մը տարերքը։ Այլեւս անժխտելի իրողութիւն կը նկատուի թէ քրիստոնէական կրօնքն է եւրոպական մշակոյթին հիմը. թերեւս սխալած չըլլանք, եթէ նոյն իրողութիւնը ընդունինք հայ հոգեւոր երաժշտական մշակոյթին համար ալ։ Թէ ինչ արժէք կը ներկայացնէ հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը, երաժշտագիտական միտքի գնահատումով, ըսենք միայն երկու վկայութիւն. Հայաստան երկիր մըն է, որուն բնակիչները երաժշտականօրէն օժտուած են անսովոր աստիճանով մը։ Հայ ժողովուրդի անցեալ եւ ներկայ պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ երաժշտութիւնը. երգերուն եղանակն ու բառերը, նոյնիսկ եւրոպացի ունկնդիրը կը գերեն, – կը բնորոշէ երաժշտագիտութեան մէջ հեղինակութիւն վայելող Կրօվզ բառարանը, ապա կ’աւելցնէ. – Հայաստան ունի եկեղեցական երաժշտութեան դպրոց մը, որ կը դասուի մեզի ծանօթ գեղեցկագոյն արեւելեան ոճերու շարքին։ Անիկա ամենէն արտայայտչական երաժշտութիւնն է, եւ իր գիւտաւորութեամբ միակ դպրոցը, որուն հետ կարելի ըլլայ զայն բաղդատել, բիւզանդականն է, որուն բազմաթիւ կերպերով կը գերազանցէ հայ երաժըշտութիւնը։ Աւստրիացի Էկոն Վելէշ, որ արեւելեան եկեղեցիներու երաժշտութեան եւ նեւմաբանութեան մեծ մասնագէտ մըն է կը յայտնէ, թէ Արեւելեան եկեղեցւոյ երաժշտութեան զարգացումը պիտի չկրնանք երբեք լրիւ ըմբռնել, մինչեւ որ աւելի չծանօթանանք հայկական երաժշտութեան, եւ արեւելեան երգի

355


զարգացումին մէջ անոր կատարած դերին մասին։ Գիտականօրէն հիմնաւորուած այս վկայութիւններէն ետք, թոյլ տուէք, որ ձեր ուշադրութեան յանձնեմ նաեւ Ամերիկեան Հանրագիտարանի հայանուն աշխատակիցին ընդվզեցուցիչ կարծիքը. Հայ աշխարհիկ եւ կրօնական երաժշտութիւնը առաւելաբար տեղական նշանակութիւն ունի։ Եկեղեցական երաժշտութիւնը մեծապէս ազդուած է յունական սրբազան մեղեդիներէն, իսկ աշխարհիկ երգերը դրոշմուած են արաբական կնիքով։ Հաւանաբար աւելորդ չնկատուի յարգելի ներկաներուն կողմէ, եթէ ժամանակի մեծ ոստում մը կատարելով, ետ վերադառնանք հազարամեակ մը, եւ տեսնենք Ժ. դարու երկրորդ կէսին ապրած եւ Հայաստան այցելած արաբ մատենագիր Ապու Տուլաֆ Միսար Իպն Մուհալհիլը, որ իր ռիսալաներէն մէկուն մէջ կ’արձանագրէ հայ երաժշտութեան մասին հնագոյն հաստատումը. Անոնց ձայները եւ եղանակներուն չափը աւելի հաճելի է եւ թախծոտ քան քրիստոնեայ այլ խումբերու ձայները։ Եղերերգութեան եւ ողբի բնական հակում ունեցող տխուր մարդոց սիրտին համար, անոնց երգեցողութիւնը աւելի արտասուաբեր է, քան արաբ եղերերգուներուն ողբերը։ Անոնց երգեցողութիւնը եկեղեցիներուն մէջ, աւելի հաճելի է, զգայուն եւ ուշադիր մարդոց համար, որովհետեւ հաճոյքը եւ բաւականութիւնը եղանակներուն յաճախակի լսելէն կը ստացուի։ Կ’ըսուի թէ անոնց երգեցողութիւնը, լարային գործիքներու ընկերակցութեամբ, իրօք հաճելի է եւ հարազատ։ ***

Երաժշտագիտական վստահելի տուեալներու վրայ հիմնուելով, գիտենք որ, դեռ մօտիկ անցեալին կը կարծուէր, թէ հայկական ութձայնը, հայերը առած են բիւզանդականէն. սակայն ուշադիր քննութենէ մը պարզուած է, թէ հայկական եւ բիւզանդական ութձայնի միջեւ համապատասխանութիւն չկայ։ Մեծապէս ուրախալի է, որ արդէն հերքուած է եւրոպական երաժշտագիտութեան մէջ լայն տեղ գրաւած եւրոպակեդրոնութեան տեսութիւնը։ Միջանկեալ յայտնենք, թէ ձայներու տեսութեան մշակումին մասնակցած առաջին հեղինակներէն զատ, կը յիշատակուի նաեւ Մովսէս Խորենացին, իսկ Ը. դարուն, ականաւոր տեսաբան Ստեփանոս Սիւնեցին. Թ. դարուն է, որ խազային ձայնանիշերու օգնութեամբ գրի կ’առնուին եղանակները։ Հայ ժողովրդական երաժշտութեան կառուցուածքը սկիզբէն իսկ սահմանուած է որպէս միաձայն, եւ այդ հանգամանքը էական դեր կատարած է անոր յետագայ զարգացումին մէջ. ատիկա նպաստած է, ինչպէս հաստատած են օտար երաժշտագէտները, հայ ժողովուրդին մէջ ցայտուն մեղեդիական նրբազգացում

356


մշակելուն։ Թէ ինչ ակունքներէ բխած է հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը, այդ կարեւոր հարցը շատոնց պարզուած է հայ երաժշտագիտութեան մէջ։ Աւատատիրական վաղ շրջանի հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը իր ակունքներով կապուած է ժողովրդական երաժշտութեան հետ։ Այդ պատճառով ալ, իր հայեցողութեամբ եւ կեանքէն կտրուած ըլլալով հանդերձ, պահպանուած է ջերմութեան եւ անկեղծութեան որոշ տարրեր, բան մը` որ պէտք է համարել ոչ թէ այլ ժողովուրդներէ առնուած, այլ բնիկ ազգային բնոյթ։ Հասկնալի է` թէ հայ եկեղեցւոյ բոլոր քաղցրանուագ եղանակները յօրինուած են վաղնջական աւանդութիւններու վրայ հիմնուելով։ Արդարեւ, միջնադարեան Հայաստանի բոլոր վանքերուն եւ համալսարաններուն մէջ` ուսուցումի կարեւոր նիւթեր նկատուած են թէ երգասացութիւնը, թէ երաժշտութիւնը, որոնք Թ-ԺԳ. դարերու ընթացքին` միասնաբար յիշատակուած են մանրուսում անունով։ Սակայն իր բարդ կառուցուածքը պատճառ եղած է` որ շատերու համար դժուար գիտութիւն մը նկատուի մանրուսումը։ ***

Եգիպտոսի հայերուն պատկանող բոլոր աղօթատեղիներուն կամ եկեղեցիներուն մէջ, տիրացուներ` որոնք եկեղեցական երաժիշտներ էին, հաւանաբար միշտ գոյութիւն ունեցած ըլլան, թէեւ պատմութիւնը անոնց մասին ոչինչ արձանագրած է։ Առաջին անգամ պատմական կարեւոր տեղեկութեան մը կը հանդիպինք ԺԹ. դարու սկիզբը Փարիզ լոյս տեսած մեծածաւալ հատորի մը մէջ, ուր հրատարակուած է Նափոլէոնի արշաւախումբին մասնակից գիտնականի մը գրի առած մէկ շարականը` զոր խազերով երգած է Գահիրէի հայոց եկեղեցւոյ դպրապետը, հաւանօրէն Յովհաննէս Վրդ. Խրզնեցին։ Այլապէս մեզի ծանօթ չեն դպրաց դասերը ղեկավարողներուն կամ շարականագէտ տիրացուներուն անունները. գիտենք միայն, թէ անցեալ դարուն վերջերը, երբեմնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետը եղած է եգիպտահայ լրագրութեան երախտաւորներէն` Եղիշէ Թորոսեան, որուն յաջորդած է Գալուստեան Վարժարանի ուսուցիչներէն` Յակոբ Մարզպանեան։ Ահա այս վերջինը փոխարինելու համար` 1922-ին, Կիլիկիայէն Գահիրէ կը հրաւիրուի «հմուտ եւ վաստակաւոր» դպրապետ Ղազարոս Ղազարոսեանը, որ մինչեւ 1928 թ. կը գործէ հնօրեայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն տարին` Եգիպտոսի հայոց երջանկայիշատակ առաջնորդ Թորգոմ սրբազանին կարգադրութեամբ, Ղազարոսեան կը ստանձէ նոր օծուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին դպրապետութիւնը եւ նոր կազմուած եկեղեցական երգչախումբին ղեկավարութիւնը։

357


Յետագային, թեմակալ Առաջնորդը Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն մէկը բազմելուն` տեղապահի հանգամանքով իրեն կը յաջորդէ Մամբրէ Ծ. Վրդ. Սիրունեանը, որ Հայ եկեղեցին շէն եւ պայծառ պահելու համար` անձնուէր եկեղեցականն էր։ Շուտով, մայրաքաղաքիս հայութեան համար, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը դառնայ բոլորէն բաղձուած «լոյսի եւ խաղաղութեան խորհրդանշանը»։ Տեղապահ առաջնորդին առաջարկով, հնգամեակ մը բոլորած նորակազմ երգչախումբը կը կոչուի Շնորհալի անունով։ Տաճարէն ներս, կիրակնօրեայ պատարագին կը հնչէ Եկմալեան քառաձայնը, ժամերգութեան երգերը կ’երգեն «աւանդական» երգեցողութեան համաձայն, իսկ բոլոր շարականները` ըստ Թաշճեանի կատարած ձայնագրութեան։ Շուրջ չորս տասնամեակ, «հոգեւոր երաժշտութիւն սիրող» եւ «հոգեւոր երաժշտութեամբ ապրող» երիտասարդներով` սուրբ եկեղեցին շէն եւ պայծառ պահելէ ետք, հմուտ դպրապետ Ղազարոս Ղազարոսեան յառաջացած տարիքին պատճառով` 1960 թ. հանգստեան կը կոչուէր եւ ասպարէզը կը թողուր «ինքնակոչ» դպրապետներու մրցակցութեան։ Սակայն շատ չի յապաղիր իրատես ղեկավարներու միջամտութիւնը. հրաժարեալ դպրապետին թելադրութեամբ, երջանկայիշատակ Մամբրէ սրբազանին հաւանութեամբ եւ այդ օրերու ազգային Իշխանութեան խնդրանքով` 1961 թ. ամառը, Մօ. Եդուարդ Յակոբեան կը ստանձէ Շնորհալի Երգչախումբին ղեկավարութիւնը։ Անմիջապէս յայտնենք, թէ ի տարբերութիւն հրաժարեալ վաստակաշատ դպրապետին` Մօ. Յակոբեան թէեւ օժտուած էր երաժշտական գիտութեամբ, բայց նոր մուտք կը գործէր եկեղեցական երաժշտութեան զգլխիչ բուրաստանը։ Ահաւասիկ այս նոր հանգամանքը` Մօ. Յակոբեանի արուեստագիտական գործունէութեան համար կ’ըլլայ կարեւոր դարձակէտ մը, եւ զինք կը մղէ տենդագին աշխատանքի։ Առաջին հերթին, Մօ. Յակոբեան կը վերահաստատէ Եկմալեան քառաձայնը` որ անցումի կարճ ժամանակահատուածին, արդէն իսկ խաթարումներ արձանագրած էր, եւ երգչախումբային արուեստի յետագայ զարգացումին համար կը համախմբէ յարմարագոյն տարրերը։ Մօ. Յակոբեան բարեբախտ արթնամտութիւնը կ’ունենայ շուտով դիմելու հոգեւոր երգեցողութեան հմուտ եւ փորձառու անձերու` գլխաւորաբար Ղազարոս Ղազարոսեանի, ինչպէս նաեւ երկարամեայ դպիր Վահրամ Պասմաճեանի եւ տիկին Մարկրիթ Յակոբեանի, որոնց կատարումներուն վրայ հիմնուելով, կը ձայնագրէ աւանդաբար մեզի հասած եղանակները` ժամերգութեան բոլոր երգերը, արեւագալի եւ եկեսցէի երգերը, իւղաբերից կարգի երգերը, պատարագի տաղերը եւ մեղեդիները։

358


Այսպէս, «սիրով ու բարի եռանդով լեցուն», ինչպէս իրաւամբ հաստատած է Վեհափառ Հայրապետը, հայ հոգեւոր գանձարանին անսպառ բովանդակութիւնը պեղելով` Մօ. Ե. Յակոբեան տասնամեակներու ընթացքին երաժշտագէտներու դատաստանին ներկայացուց Հայկական պատարագի տաղեր եւ մեղեդիներ եւրոպական ձայնագրութեամբ երեսուն մեղեդիները, Մաշտոցի Ալիք յանցանաց շարականը` երգեհոնի նուագակցութեամբ խմբերգի վերածուած, Գրիգոր Նարեկացիի Հաւուն հաւուն տաղը` երգեհոնի նուագակցութեամբ մեներգը, դարձեալ երգեհոնի նուագակցութեամբ Երեք տաղը, ձայնի եւ երգեհոնի համար` Սրբազան տաղերը, եւ երկու հրատարակութեամբ ալ` Թէքէեանի Մահերգ նահատակաց երգեհոնի նուագակցութեամբ խմբերգը։ Մօ. Յակոբեանի հեղինակած գործերը` հայ երաժշտութեան եւ մշակոյթի մասին, «գեղարուեստական եւ դաստիարակչական արժէք կը ներակայացնեն», կը գնահատէ Վեհափառ Հայրապետը։ Հայկական պատարագի տաղեր եւ մեղեդիներ ժողովածուն «ուրախալի եւ ողջունելի» կը գտնէ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի փրոֆեսէօրներէն` երաժշտագէտ երգահան Ռոբերտ Աթայեան, եւ կը հաստատէ` թէ Ձայնագրութիւնը խնամքով է արուած, բանիմացութեամբ, առանց ազգային ոճը խաթարելու, մի բան` որ նման տեսակի երաժշտութեան մէջ յաճախ ենք տեսնում։ Եկեղեցական երաժշտութեան մարզէն ներս Մօ. Յակոբեանի կատարած աշխատանքին մասին` հոգեւոր երաժշտութեան գիտակ Պսակ Արք. Թումանեան առիթով մը կը յայտնէ. Դիտած եմ թէ ինչ մեծ ճիգ եւ ջանք կը թափէր պահելու համար անոր հարազատ նկարագիրը։ Հայկական պատարագի տաղեր եւ մեղեդիներ եւ Սրբազան տաղերը լիովին կը հաստատեն իրաւ եւ հաւաստի արուեստագէտի տեսակէտը Ձեր մասին։ Հունգարացի երաժշտագէտ Ի. Պորսայի` Սրբազան տաղերը կը գտնէ

[Ա]յնքան հմտօրէն ու ճաշակով ներդաշնակուած, որ մեզի, արեւմտեան աշխարհի երաժիշտներուս համար կը բանայ հայկական միջնադարեան եկեղեցական երաժշտութեան` ցարդ բոլորովին անյայտ մնացած զմայլելի հզօր աշխարհ մը։

Նոյն պրակին համար, Մխիթարեան Միաբանութեան բազմահմուտ վարդապետներէն` Հ. Ներսէս Տէր Ներսէսեան կը գրէ. Ներդաշնակելու սքանչելի կերպ մը ունիք, նրբազգած ականջ ու միստիք հոգի։ ***

359


Որպէս երաժիշտ, դպրապետ, մանկավարժ եւ ազգային-հասարակական գործիչ բազում տարիներու վաստակը մեծապէս գնահատելով, 1981 թ. Ապրիլ 2 թուակիր կոնդակով, Վեհափառ Հայրապետը «փայլուն արժանիքներ» ունեցող Մօ. Եդուարդ Յակոբեանին կը շնորհէր Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանը։ Մեզի` եգիպտահայ գաղութի երբեմնի բարձր վարկին պահպանումին նախանձախնդիր հայերուս համար, Մօ. Եդուարդ Յակոբեանին եղած հայրապետական բարձր գնահատանքը` բերկրառիթ երեւոյթ մըն է։

Յարգելի ներկաներ, Թոյլ տուէք, որ այս ուրախ առիթով` մեր սրտագին շնորհաւորութիւնը ըսենք Շիրակի դաշտին մեծ որդիին բանաստեղծական բարի լեզուով. Մարդս զանգ է, աշխարհ ականջ, Լաւ անունը զանգի ղօղանջ, Բայց զանգն առանց զանգահարի Թէկուզ ապրի հազար տարի, Ոչ մի ղօղանջ չի հանելու, Զանգահարը գործն է մարդու։ ***

Պարտք կը նկատենք` գոնէ անցողակի անդրադառնալ «գեղարուեստական բարձրագոյն հաճոյք պատճառող» Շնորհալի յոբելեար երգչախումբի մենակատարներուն եւ երգեհոնահարներուն մասին։ Մենակատարներուն մէջ` ազգային նեղ շրջանակէն շատոնց դուրս եկած են Գոհար Գասպարեանի, Աննա Նշանեանի, Սելմա Քեքլիկեանի եւ Վերա Հացունիի անունները։ Բազմամեայ մեներգողներ եղած են` Վահրամ Պասմաճեանը, տոքթ. Հրանդ Թէրզեանը, Մարգար Երկանեանը, Միքայէլ Գարանֆիլեանը։ Իրենց շնորհալի ձայնով` մինչեւ այսօր սուրբ եկեղեցին կը պայծառացնեն տիկիններ Մարկրիթ Յակոբեան, Զապէլ Ռշտունի, Հանրիէթ Վիկէր-Կարապետեան, Շաւարշ Գարանֆիլեան եւ Գրիգոր Փարթամեան։ Արդէն աւելի քան եօթը տասնամեակէ ի վեր կարելի չէ հայկական պատարագը ունկնդրել առանց երգեհոնի նուագակցութեան։ Դժբախտաբար մեզի ծանօթ չեն առաջին տասնամեակներու երգեհոնահարները։ Սուրբ տաճարը քաղցր հնչիւններով ողողած են` Վահէ Պալըգճեան, Գէորգ Նազարեան, Սիրվարդ Նշանեան, Շաքէ Ալիքսանեան, Աշխէն Մէօթէմէտեան, Հիլտա Պասմաճեան, եւ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր` տիկին Շամիրամ

360


Դարմանեան, որուն բարձրարուեստ նուագակցութեամբ պայմանաւորուեցաւ Շնորհալի երգչախումբին գեղագիտական կատարողական մակարդակը։ Ահաւասիկ աշխատանքը անոնց` որոնք «զծորանս հոգւոյն արբին եւ երգեցին քաղցր եղանակաւ»։

Յուսաբեր, օրաթերթ, Գահիրէ, 2, 3, 8, 9, 10 Մարտ 1983

361



ԱՆԱՒԱՐՏ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ



ՏՈՀՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԽԱՄՍԱՅԻ ՄԵԼԻՔՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Տոհմագրութիւնը պատրաստելու համար օգտագործուած են. Րաֆֆի, «Խամսայի մելիքութիւնները», Երկերի ժողովածու, հատոր տասներորդ, Երեւան, Հայպետհրատ, 1964։ Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, Արցախ, Երեւան, 1996։

ԴԻԶԱԿ ՏՈՀՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԼԻՔ ԱՒԱՆԵԱՆՆԵՐՈՒ Ղուկաս Վրդ.

Մելիք Աւան խան – 1744

Մելիք Արամ – 1745

Մելիք Եսայի

Մելիք Բախտամ

Բաղդադ Բէգ

Մելիք Արաս

Ասլան

Մելիք Ղահրաման

Վահան

Ֆահրադ Բէգ

- Առաքել Վարդապետ, Դիզակի մելիքութիւնը, Վաղարշապատ, 1913։ - Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Դող աւանիս մէլիքների դամբարանն», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 49-50։ ***

365


ՎԱՐԱՆԴԱ ՏՈՀՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԼԻՔ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ

Մելիք Շահնազար

Մելիք Միրզա Բէգ Ե.

Մելիք Հիւսէյն* - 1736

Մելիք Յովսէփ Սայի Բէգ

Մելիք Շահնազար Բ.* - 1791

Ջումշուղ Հիւսէյն Գ. Ջհանբախշ Ջհանգիր

Մելիք Բաղին*

Մելիք Միրզա Բէգ Բ.

- Կարապետ Եպիսկոպոս, Նիւթեր հայ մելիքութեան մասին. Բ. պրակ. Դօփեանք եւ Մելիք Շահնազարեանք, Էջմիածին, 1914։ - Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Մելիք-ժառանգների հանգստարան», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 64։ - Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Մէլիք-Շահնազարեանցների մասին», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 160-161։ * Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Մէլիքական ապարաններ», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 63-64։ ***

366


367

§îáÑÙ³·ñáõÃÇõÝ Ê³Ùë³ÛÇ Ù»ÉÇùáõÃÇõÝÝ»ñáõ¦ ³Ý³õ³ñï áõëáõÙݳëÇñáõû³Ý ïÇïÕáë³Ã»ñÃÁ£


ԽԱՉԵՆ ՏՈՀՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԼԻՔ ՀԱՍԱՆ ՋԱԼԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ Երեմիա կթ. +1700

?

Վելիջան Բէգ Գ.* +1686

Եսայի կթ.

Բաղդասար միտրոպոլիտ

?

Մուլքի Բէգ +1716

Մելիք Գրիգոր Մելիք Ալլահվերդի Մելիք Բէգ

Մելիք Ալլահվերդի Բ. +1827

Երեմիա քհյ. Մովսէս վրդ. Աբրահամ Բէգ Յովսէփ Բէգ

* Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Ջալալեան Վելիջան-իշխանի բերդն կամ Ցօրաբերդ», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 54-55։ - Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Խաչեն գաւառ», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 98։ ***

368


Մելիք Ռուստամ*

ՋՐԱԲԵՐԴ Տոհմագրութիւն այլ ճիւղի մը

Միրզա Բէգ

Բալա-բէգ

Մելիք Րովշան

Մելիք Ալլահվերտի Բ.

Միսայէլ Բէգ Ղահրաման Բէգ Մեջլում Բէգ Մելիք Վանի Աբաբէգեան

Յակոբ եուզբաշի

Յովսէփ Բէգ Սարգիս Բէգ Աթաբէգ Միսայէլ Բէգ Ասլան Բէգ

Ներսէս Բէգ Մովսէս Բէգ Նիկողոս Բէկ

* «Մելիք-Ռուստամը Խամսայի տիրապետող մելիքների կարգից չէր, այլ Շուշի բերդի մահմեդական խաներին մատուցած ծառայութիւնների համար մելիքութիւն ստացաւ։» Րաֆֆի, «Խամսայի մելիքութիւնները», Երկերի ժողովածու, հատոր տասներորդ, Երեւան, Հայպետհրատ, 1964, էջ 311։ - Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Մէլիք-Առստամի ծագումն», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 205-206։ ***

369


ՋՐԱԲԵՐԴ* ՏՈՀՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԼԻՔ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆՆԵՐՈՒ Մելիք Եսայի

Մելիք Իսրայէլ

Ալլահ Ղուլի Սուլթան +1756

Մելիք Աթամ +1780

Մելիք Մեջլում* +1796 Մելիք Բախտամ Մելիք Աթամ Բ.

Սըհարնազ-Սայի Բէգ**

* Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Չարաբերդ, Մեծ-Կուէն` որ այժմ կոչուում է Ջրաբերդ», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 26։ ** Սայի Բէգը Նախիջեւանի Սարի Բէգի որդին էր. ամուսնանալէ ետք` կնոջ տոհմանունը կրած է։ - Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Մէլիք-Իսրայէլեանների ապարանն», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 140-141։ ***

370


ԿԻՒԼԻՍՏԱՆ ՏՈՀՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԼԻՔ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ Սեւ Աբով (Գարա Եուզբաշի) +1632 Մելիք Բեգլար Ա.

Մելիք կաղ Աբով Բ. +1728 Մելիք Եուսուփ +1775

Մելիք Բեգլար Բ.

Մելիք ֆրէյդուն +1808

Սամ

Մելիք Թամրազ

Սարուխան Բէգ

Մելիք Աբով Գ. +1808

Ռոստոմ Բէգ Սայի Բէգ Մանաս Բէգ

Մելիք Յովսէփ Բ. Շամիր խան Դաւիթ Թալիշ Թէյմուրազ Բեգլար Գ.

- Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Մէլիք-Բէկլարեանների ապարանն», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 148։ - Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, «Բերդ Մէլիք-Բէկլարեանների», Արցախ, Երեւան, 1996, էջ 165-166։

Ձեռագիր եւ մեքենագիր, անաւարտ։ Առաջին խմբագրութիւն` 17-19 Յուլիս 1962։ Երկրորդ խմբագրութիւն` 5-7 Հոկտեմբեր 1985։

371


Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ Կը ձօնեմ` Հայ եկեղեցին ջերմ եռանդով սիրած հօրս մշտաբողբոջ յիշատակին։

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

1. Հայ ոգիի բուրվառումով 2. Մատենագիտական համառօտ տեսութիւն 3. Քրիստոսի Եկեղեցին 4. Քրիստոսի խոստովանողը եւ ճշմարտութեան վկան 5. Պատմութեան ահեղ հողմերէն ինկած 6. Եգիպտահայութեան անմահ փառքին վեհ վկան 7. Այրն մեծահաւատ Գրիգոր Եղիայեան 8. Գաւազան Եգիպտոսի հայոց առաջնորդներու եւ առաջնորդական տեղապահներու 9. Խօսեցան լեզուով անհուն գեղեցիկի 10. Հոգեւոր կեանքի ռիթմեր Եկեղեցական-մշակութային յիսնամեայ անցքեր 11. Նման ոսկէ սանդուղքի

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՂԸ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԿԱՆ Թագաւորեաց Աստուած ի վերայ հեթանոսաց, եւ լուսազարդեալ պայծառացոյց սուրբ զեկեղեցի։ ՇԱՐԱԿԱՆ

Հայրենի գիտութեամբ կրթուած Ագաթանգեղոս պատմիչը` որ ականատես եղած է Տրդատ մեծ արքային ժամանակ պատահած հոգեւոր գործերուն եւ լուսաւոր շնորհապատում վարդապետութեան, թագաւորական հրամանը ստանալէ

372


§ê© ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã ³Ãáé³ÝÇëï »Ï»Õ»óÇ º·ÇåïáëÇ Ð³Ûáó ²é³çÝáñ¹áõû³Ý¦ ³Ý³õ³ñï áõëáõÙݳëÇñáõû³Ý ïÇïÕáë³Ã»ñÃÁ£

373


ետք` կը հեծնէ միտքի երիվարը եւ կ’անցնի հանճարի ասպարէզը, հաստատօրէն կարգաւորելով իր ծրագիրը` կը դարձնէ խօսքերու պատմութեան անիւը, որպէսզի տիրաբար նաւարկէ ժամանակագրութեան ծովուն ալիքներուն վրայ։ Թէ ինչպէս կամ որու կողմէ քարոզուեցաւ Թորգոմեան ազգին ու Հայաստան աշխարհին մէջ Աւետարանի աստուածապարգեւ աւետիսները եւ կենաց խօսքը, կամ ո՞վ էր ան, որ այս նորոգատուր առաքելական շնորհները իր վրայ վերցնելով` երեւան եկաւ այնպիսի աստուածեղէն շնորհով. հետեւինք Տրդատի յաջող քարտուղար Ագաթանգեղոսի հրաշապատում պատմութեան, ըմբռնելու համար անոր լուսաւոր վարդապետութիւնը, հրեշտակակրօն` առաքինի վարք ու բարքը, ազնուական համբերութիւնը այն շնորհալի մեծազօր նահատակին` որ Քրիստոսի խոստովանողը եղաւ եւ ճշմարտութեան վկան։ Թէ ինչպէս ատկէ ետք, առաքելանման նահատակին աղօթքներով շէնութիւն ու խաղաղութիւն, լիութիւն, պտղաբերութիւն ու բժշկութիւն շնորհեց Աստուած։ Թէ ինչպէս հայոց առաքեալին աստուածասիրութեան եւ Քրիստոսի պարգեւած զօրութեան շնորհիւ` ինկաւ, փշրուեցաւ ունայնութեան պաշտամունքը եւ աստուածապաշտութիւնը տարածուեցաւ ամբողջ երկրին մէջ։ Կամ թէ ինչպէս եկեղեցիներ շինուեցան մեր Հայաստան աշխարհին մէջ եւ ջնջուեցան սնոտի պաշտամունքները` որոնք մեր նախնեաց սովորական մոլորութեան հետեւանքով, ի զուր ընդունուած եւ մոլորեցուցիչ, կեղծ քարերու եւ փայտերու յիմարութիւններն էին։ Իսկ Քրիստոսի երանելի նահատակը եւ մեր հայրը սուրբ Գրիգոր` Քրիստոսի կամքով մեր ամբողջ Հայաստան աշխարհին արդարուսոյց քարոզեց, որպէսզի չկապուին մեղքերու գարշապարին, այլ հասցնելով Աստուածահօր հողմախաղաղ անդորր նաւահանգիստը` անոնց համար այնտեղ մշտնջենական կեանքի օթեւաններ պատրաստեց։ ***

Երիցս երանեալ, սուրբ, քաջ եւ անզանգիտող նահատակը` Տէր Գրիգոր, բազմամբոխ աշխարհաժողովի մը առջեւ կը պատմէ իր տեսիլքը` ըսելով. - Արդ` եկէք եղբայրներ, ձեզի պատմեմ Արարիչին ձեր նկատմամբ ունեցած սիրոյ ապացոյցը` որ ինծի երեւաց ահաւոր տեսիլքով։ Տեսայ Աստուծոյ իջնելով իր սուրբ նահատակներուն մօտ եւ անոնց անհամեմատ բարձրանալը, անպատում վերացումը երկինքի արքայութեան անզուգականութեան մէջ։ Ան ինծի յայտնեց գալիք կենսաբեր պարգեւը` զոր պիտի շնորհուի ձեզի, եւ ինծի երեւաց աստուածակերպ, սքանչելի, անպատում տեսիք մը` զոր հանգամանօրէն կը պատմեմ։

374


Այս գիշերուան կէսին, երբ դուք աշխատութեան ծանրութենէն եւ տքնութենէն խոնջած քուն մտած էիք, ես դեռ արթուն էի եւ մտախոհ` աստուածային ողորմութեան անքնին հրաշքներու յանկարծակի կատարուելու, Անոր այցին եւ աստուածագէտ վարդապետութեան իմաստուն խրատներուն բովին մէջ ձեզ ներգրաւելու մասին։ Յանկարծակի սաստիկ ձայն մը եղաւ` որոտումի բոմբիւն, ահաւոր թնդիւն, ծովու խռովեալ ալիքներու սաստիկ ձայնին նման։ Բացուեցաւ երկինքի հաստատութեան խորանաշէն ծածկը, եւ իջաւ այր մը լոյսի կերպարանքով, կանչեց անունս եւ ըսաւ. «Գրիգոր»։ Նայեցայ, տեսայ Անոր կերպարանքը եւ զարհուրած` դողալով գետին ինկայ։ Ըսաւ ինծի. «Վեր նայէ՛ եւ տես հրաշքները` որոնք ցոյց պիտի տամ քեզի»։ Եւ ես` նայելով տեսայ երկինքի հաստատութիւնը բացուած, իսկ լոյսը` հոսելով մինչեւ երկիր կը հասնէր, եւ ես լոյսին մէջ տեսայ մարդկային կերպարանքով, լուսեղէն, երկթեւ անչափ զօրք` թեւերը կրակի նման։ Տեսայ մարդկային ահաւոր կերպարանք մը` բարձր ու ահեղ, որ ձեռքին ունէր ոսկեայ մեծ կռան մը, սլանալով, խոյանալով արագաթռիչ արծիւի նման, իջաւ հասաւ մինչեւ երկրին յատակը, զարկաւ լայնատարած գետնին եւ մեծ ու անչափ թնդիւններ հնչեցին անդունդներու սանդարամետէն։ Եւ տեսայ քաղաքին մէջ` արքունի ապարանքին մօտ, ճախարակաձեւ ոսկիէ խարիսխ, վրան շատ բարձր հրեղէն սիւն, իսկ անոր վրան ամպէ խոյակ` լուսեղէն խաչով։ Նայեցայ եւ տեսայ ուրիշ երեք խարիսխներ` արեան գոյնով կարմիր, ամպեղէն սիւներով եւ հրեղէն խոյակներով։ Երեք սիւներուն վրայ կային լուսեղէն խաչեր, որոնք նման էին այն լուսեղէն սիւնի խոյակին` որ անոնցմէ բարձր էր։ Չորս սիւներու խաչերուն վրայ զարմանատես կամարներ իրարու կապուեցան եւ վրան գմբեթաձեւ` խորանազարդ ու աստուածակերտ, զարմանալի ամպեղէն շինուածք մը տեսայ։ Շինուածքի կատարին տեսայ զարմանալի, աստուածակերտ, սքանչելի հրեղէն աթոռ մը` որուն վրայ կար տէրունական խաչը։ Համատարած լոյսը անոր պարուրելով` խառնուեցաւ խաչի ճառագայթներուն եւ կպչելով միաձուլուեցաւ։ Շողացող լոյսը սիւն դառնալով` ցայտեց խարիսխներու ներքին սիւներուն մէջ։ Իսկ ես նայելով կը զարմանայի. այն այրը` որ իմ անունս կանչած էր, ինծի ըսաւ` թէ «ով մարդ, ինչո՞ւ զարմացած ես եւ չես ըմբռներ Աստուծոյ մեծամեծ գործերը»։ Պատասխանեցի. «Ինչպէս, Տէր»։ Ըսաւ ինծի. «Այս տեսիլքը քեզի ցոյց տրուեցաւ, որպէսզի ըմբռնես։ Ահաւասիկ բացուած է երկինքը, գիտցիր` որ բացուած են Քրիստոսի մարդասիրութեան դռները իր արարածներուն համար։ Իմացիր, որոտումի հնչող ձայնը այն է, որ Աստուծոյ գթութեան ու ողորմութեան անձրեւը կ’իջնէ։ Այս սուրբ նահատակները` որոնք այստեղ նահատակուեցան,

375


հիւսիսային կողմերը ճամբայ բացին, որովհետեւ իրենք ուրիշներու շաւիղները ուղղեցին։ Իսկ հրեղէն սիւնը` որուն խարիսխը ոսկի է եւ խոյակը ամպեղէն ու վրան լուսեղէն խաչ, ապա այդ ոսկի խարիսխը հաստատութեան անշարժ վէմն է, հրեղէն սիւնը` կաթողիկէ եկեղեցին է, որ իր թեւերուն տակ կը հաւաքէ բոլոր ժողովուրդները` հաւատքի մէկ միութեան մէջ։ Անոր վրայ լուսաւոր խաչը` մեծ քահանայապետութիւնն է ժողովուրդներուն մէջ, օրինակն է Քրիստոսի մարմնացեալ պատկերին, Աստուածորդիին քահանայապետութեան օծութեան։ Այդտեղ թող Աստուծոյ տաճարը ըլլայ, բոլոր հաւատացեալներուն աղօթքի ու խնդրանքներուն տունը եւ քահանայապետութեան աթոռը։ ***

Երանելի Գրիգոր` թագաւորին եւ ամբողջ ժողովուրդին հետ մէկտեղ իսկոյն գնաց այնտեղ, ուր իրեն ցոյց տրուած էր հրեղէն սիւնը` ոսկեայ խարիսխի վրայ, տեղը շրջափակեց բարձր պարիսպով, դռներով ու փականքով ամրացուց եւ այնտեղ կանգնեց փրկչական խաչին նշանը, որպէսզի ամէն ոք` որ այնտեղ հասնի, ամենազօր Արարիչին երկրպագելով ծունկ դնէ։ Ապա նշանակուած տեղը` որ նախապէս իր կողմէ կնքուած էր, կանգնեց Քրիստոսի եկեղեցին։ Այսպէս` քարոզութեամբ, լուսաւորելով ժողովուրդին սիրտն ու հոգին, Քրիստոսի խոստովանող Գրիգոր աստուածային աղով աղեց, համեմեց, եւ ժողովուրդը լքելով սնոտի, ձեռագործ կուռքերուն ունայն պաշտամունքը` մարդասէր Աստուծոյ պաշտամունքին դարձաւ։ Այնուհետեւ, Հայաստանի մէջ սրտալիր ուրախութիւն էր եւ ինչ հաճելի տեսարան աչքի համար։ Որովհետեւ երկիր մը` որ անունն անգամ չէր լսած այն կողմերուն, ուր աստուածային սքանչելի բոլոր գործերը կատարուեցան, շատ շուտով իմացաւ եղած բաները, ոչ միայն այն ժամանակ կատարուածները, այլեւ յաւիտենապէս նախասահմանուածները, յետոյ եկածները, եւ բոլոր աստուածատուր աւանդութիւնները1։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՀԵՂ ՀՈՂՄԵՐԷՆ ԻՆԿԱԾ

Թէեւ պատմութիւնը չ’արձանագրեր, սակայն ենթադրողներ կան` թէ արդէն միջնադարուն, հայերը ունեցած պէտք է ըլլան իրենց վանքերը` վանականութեան օրրան Եգիպտոսի մէջ. իսկ մեզի հասած նիւթական մշակոյթի քանի մը մնացորդները կու գան վկայելու` թէ հասուն միջնադարուն Եգիպտոս հաս-

376


տատուած հայերը ունեցած են իրենց աղօթատեղիները։ Այսպէս, միայն թուարկելու նպատակով այդ հնօրեայ կառոյցները, յատկապէս Եգիպտոսի վանքերու եւ եկեղեցիներու պատմութիւնը գրող արաբագիր հեղինակ Աբուսահլի աշխատութենէն կը քաղենք Գահիրէի եւ շրջակայքին մէջ` դարերու ընթացքին գոյութիւն ունեցած հայկական կամ հայերու պատկանած եկեղեցիներուն անունները2։ Ժամանակի կարգով առաջինը կը յիշատակուի ս. Յակոբայ սրբարանը` բարձր գմբեթով, որ շատ հեռուէն կ’երեւէր «կամարօք եւ կամարակապօք»։ Ասոր մօտիկ եղած է ուրիշ եկեղեցի մըն ալ, որուն անունը չէ յիշատակուած։ Յետագային հայերուն շնորհուած է ս. Յովհաննէս եկեղեցին` որ շինուած էր անբիծ Տիրամօր եկեղեցիին վրայ։ Աւելի ուշ, ասոր տեղ` հայերը իրենց հոգեւոր արարողութիւնները կատարած են մելքիթներու համար նախատեսուած փոքր եկեղեցիին մէջ, որ ԹԵԳ-ի (Թորգոմ Եպիսկոպոս Գուշակեան) համաձայն ս. Աստուածածին կոչուած է։ Քաղաքամերձ Այգեստանի եւ Զուհրիի մէջ հայերը ունեցած են երկու եկեղեցիներ, որոնց անուններուն ծանօթ չենք։ Դարձեալ քաղաքամերձ Թուրայի շրջանին մէջ, հայերը կը փլցնեն իրենց տրուած եկեղեցին եւ անոր տեղ կը շինեն մեծ ու ընդարձակ բազմագմբեթ եկեղեցի մը, վրան ալ զանգակատան աշտարակ մը կը կանգնեն, եւ կը կոչեն ս. Գէորգի անունով։ Այս եկեղեցիին մօտ կը գտնուէր ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անուան նուիրուած եկեղեցի մըն ալ։ ԹԵԳ կը յիշատակէ ղպտիներէն առնուած բոլորովին աւերակ ս. Գէորգ եկեղեցին, որ կ’ընդարձակուի եւ գրեթէ ի նորոյ կը շինուի։ Կը յիշատակեն` թէ ջրմուղի ճամբուն վրայ գտնուած է ս. Մինասի անուան եկեղեցի մը։ Միշտ պատմականօրէն կողմնորոշուելու համար, կը դիմենք ԹԵԳ-ին` որ կը գրէ, թէ Եգիպտոսի հայութիւնը` հայաշէն եւ հայապատկան իր հին եկեղեցիները բոլորովին կորսնցուցած, ԺԷ. դարու սկիզբէն ի վեր կրօնական պաշտամունքի իր հոգեւոր մխիթարութիւնը ստացած է ս. Սարգիս եւ ս. Մինաս եկեղեցիներուն մէջ, որոնց առաջինը` ղպտական եկեղեցիի մը տանիքին մէկ անկիւնը թառած մատուռ մը, երկրորդը` դարձեալ ղպտական եկեղեցիի մը կողքէն փրցուած թեւ մը, երկուքն ալ «օտարական նկարագրով», որոնք ալ չէին կրնար հանդուրժելի ըլլալ Մոհամմէտ Ալիի բարեբաստիկ թուականէն անմիջապէս վերջ կազմուած հայ գաղութին` որ ազգային ինքնութեան եւ զարգացումի նոր հորիզոնի մը կը նայէր3։ Այդ ձգտումին արդիւնքը կ’ըլլայ նորակառոյց «հրաշապայծառ» ս. Աստուածածին եկեղեցին, որուն գոյութիւնը հազիւ կարելի եղաւ պահպանել մինչեւ 1960-ական թուականներու սկիզբը...։ Այսօր, ահեղ հողմերու դէմ իր գոյութիւնը պահպանած միակ պատմական

377


կառոյցը` որ ԺԹ. դարու առաջին կիսու շինութիւն է, հիմնական նորոգութեան ենթարկուած է ողբ. Հրանդ Նասիպեանի յօժարակամ բարերարութեամբ։ Առիթով մը` ՍՍՌՄ ժողովրդական նկարիչ Մարտիրոս Սարեան ըսած է, թէ Ոչ մի յուշարձան ու աւերակ չի դառնում լոկ պատմութիւն, քանի դեռ ժողովուրդը ապրում է, որովհետեւ ամէն մի հայ, եթէ նա իսկապէս մարդ է, մտովի, իւր սրտի խորքում վերականգնում, վերակառուցում է աւերակը, ու այն ապրում է մի նոր կեանքով, ոչ թէ մեռած պատմութեամբ4։

ԵԳԻՊՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՄԱՀ ՓԱՌՔԻՆ ՎԵՀ ՎԿԱՆ Դարձել է այստեղ նիւթը գաղափար։ ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Շրջապարիսպի երկաթեայ մեծ դարպասէն մտնելով, տաճարային հրապարակին մէջտեղ կանգնած, մեր առջեւ կը բարձրանայ վեհաշուք յօրինուածքով` նոր-դասական ճարտարապետութեան գոհարներէն մէկը. հայուն լուսաբաղձ ոգիին բնորոշ գիծերով հոյակապ սիւներ` խրոխտ կամարներ կազմած, հզօր որմեր` երկնախոհ գմբեթներով վերջացած։ Ճարտարապետ Լեւոն Նաֆիլեան` հիմնուելով շինարարական ազգային հարուստ աւանդներուն վրայ, Յատակագիծին մասին ներշնչուած է Անիի Մայր Եկեղեցիէն, արտաքին կառուցուածքին մասին` Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարէն, զանգակատան մասին` Արագածոտնի Յովհաննավանքի Եկեղեցիէն. իսկ գմբեթը ընդհանուր առմամբ կը յիշեցնէ Էջմիածնի Կաթողիկէն, երկու պահարաններու երկու արտաքին դուռները` ձեւը ունին Էջմիածնի Մայր Տաճարի հարաւային դրան. պատուհանները` չորս կողմը բոլորած քանդակազարդ գօտին, երեք ճակատներուն անկիւնաձեւերուն մէջի եռանկիւնաձեւ զարդերը, ինչպէս նաեւ գմբեթի թմբուկին քիւերուն ամբողջ զարդարանքը` մեծ մասամբ Աղթամարի տաճարէն, եւ հայկական մանրանկարչութենէ։ Հիւսիսային եւ հարաւային երկու դուռներուն երկկողմանի ուղղաձիգ որմնախորշերը, բացի իրենց զարդարանքէն, կը յիշեցնեն Էջմիածնի եւ Ս. Հռիփսիմէի Տաճարները. իսկ երեք կողմերու բոլոր մեծ ու փոքր հինգ դուռներուն ձեւն ու փեղկերուն փայտեայ կերտուածքը, դրանդիներու եւ երկկողմի զարդաքանդակները, զանգակատան երեք երեսներուն եւ տաճարին երկու կողմնակի ճակատներուն խաչքանդակները, եւ տաճարին արեւմտեան` հիւսիսային եւ հարաւային ճակատներուն վրայի քանդակուած մարդկային դէմքերու երրեակ զոյգերը, որոնք հայ մարդու եւ հայ կնոջ հայեցի տիպարը կը ներկայացնեն հայկական արուեստի այս յիշակերտին վրայ, ամէնքն ալ Պ. Լ. Նաֆիլեանի զգայուն հոգւոյն եւ ուսումնասիրող մտքի յղացմունքը, բովանդակապէս հարազատօրէն կը

378


ցոլացնեն մեր ազգային գեղարուեստին կրօնաշունչ տարրը5։ Նկատողութիւններ եղած են եկեղեցիին տեղակայութեան` այսինքն պողոտային զուգահեռական չըլլալուն մասին. [Բ]ան մը որուն պատճառը կանոնագիտական էր լոկ, քանի որ, Արեւելեան եկեղեցիներուն եւ մերինին ծիսական օրէնքներուն համեմատ, եկեղեցւոյ արեւելադրութիւնը Արեւելքէն Արեւմուտք ուղղութեան վրայ կը կատարուի։ Առիշեղ այս դիրքին գեղարուեստական վայելչութիւնը շուտով զգացուեցաւ սակայն բարեբախտաբար6։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին իւրայատուկ եւ գեղեցիկ յօրինուածքը` շինարարական-կառուցողական արուեստի հանրագումարն է, իրագործուած` իտալացի, հայ եւ եգիպտացի վարպետներու սերտ գործակցութեամբ։ ***

Եկեղեցի մտնողը` արեւմտեան աւագ դրան վերեւ, անպայման պիտի նկատէ` մեծադիր խճանկարը «Հայաստանեայց Հայր Հաւատոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ»-ի, Դ. դարու եկեղեցական տարազի պարզութեան մէջ, գլխաբաց, կորովի եւ քաղցրութեան պիրկ եւ գորովագին նայուածքով, եւ օրհնաբաշխ աջին կարկառումովը պատկառելի7։ Այցելուին սեւեռուն ակնարկը պահ մը պիտի յածի մարմարէ տախտակին փորագրուած հետեւեալ արձանագրութեան վրայ. Յարկս այս հրաշակերտ, տաճար տէրունեան, նուիրեալ յանուն հաւրն հաւատոյ Հայաստանեայց` Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին, ողորմութեամբն Անեղին կառուցաւ ի մայրաքաղաքի այս Եգիպտոսի` ի Գահիրէ, ի վայելս Ազգին Հայոց, Արդեամբք կտակի բարեպաշտաւն Գրիգորի Եղիայեան հանգուցելոյ, որոյ յիշատակն աւրհնութեամբ եղիցի։ Հիմունք սորա աւրհնեցան յ31 Աւգոստոսի 1924 ամի Տեառն, եւ աւծումն եւ նաւակատիք եղեն յ12 Փետր. 1928 (ՌՅՀԴ-ՌՅՀԷ)։ Ի Հայրապետութեան Ամենայն Հայոց Տեառն Տեառն Գէորգայ Սրբազնագոյն կաթողիկոսի. ի Պատրիարքութեան Ս. Երուսաղէմի Տեառն Եղիշեայ Ս. Արքեպիսկոպոսի. ի Պատրիարքութեան Կ. Պոլսոյ Տեառն Մեսրոպայ Ս. Արքեպիսկոպոսի եւ յԱռաջնորդութեանն Հայոց Եգիպտոսի Տեառն Թորգոմայ Ա. Արքեպիսկոպոսի։ Եկեղեցւոյ աւագ դրան փայտեայ գեղեցիկ դարպասէն մուտք գործելով, մեր առջեւ կը բացուի փայտեայ ներքնադուռ մը` որ կերտուած է յետագային, արարողութիւնը չխանգարելու նպատակով։

379


Ներքնադուռի աջ կամ ձախ դուռէն կ’անցնինք գաւիթը` որ տաճարէն անջատուած է վանդակապատով. այստեղ` սեղան-պատուանդաններու վրայ, աջակողմը զետեղուած է «Չարխափան Ս. Աստուածածին»-ը, իսկ ձախակողմը` ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքները, գործ` նկարիչ Առաքել Պատրիկի, ս. Սարգիս եկեղեցիէն մնացած հին շրջանակի մը մէջ ամփոփուած։ Եթէ պահ մը վեր նայինք, պիտի տեսնենք որմնանկարուած առաստաղը` հայկական մանրանկարչութենէ քաղուած զանազան զարդաձեւերու յօրինուածքով։ Եկեղեցիին յատակագիծը սրահաձեւ է. չորս պատերը` 16 մ. բարձրութենէ վերջ կը միաձուլուին չորս կամարներուն հետ, որոնք չորս անկիւններուն վրայ զիրար խաչաձեւելով` վեր կը բռնեն առաստաղը, որուն ճիշտ կեդրոնին վրայ կը կանգնի ամբողջ որմանկարուած կաթողիկէ գմբեթը` 8,50 մ. տրամագիծով եւ 15 մ. բարձրութեամբ, մինչեւ գագաթի պորտաքարը, որ եկեղեցիին յատակէն 35 մ. բարձր է։ Գմբեթին թմբուկը ունի հայկական ներշնչումներով երփնանկարուած ութ լուսամուտներ, իսկ անոր ստորոտի երեսներուն վրայ կան չորս Աւետարանիչներու որմանկարները։ Պորտաքարէն կախուած է Փարիզ պատրաստուած մետաղեայ մեծ լուսաջահը։ Գմբեթաբարձ առաստաղին որմանկարուած կամարները հանգչած են թուխ կրանիթի նմանագործութեամբ ծեփուած ութ զուգեակ որմայեց սիւներու վրայ, որոնք չխճողելով տարածութիւնը` պայծառ եւ շքեղ գեղեցկութիւն մը կ’ապահովեն դիտողին։ Կամարներու խաչաձեւումէն կախուած են Փարիզ պատրաստուած մետաղեայ փոքր լուսաջահերը։ Ներքին պատերուն որմատակը` գետինէն 1,50 մ. բարձր, պատուած են մասամբ արեւելեան դեղնորակ եւ պելճիքական կարմրորակ մարմարով։ Ասկէ վեր, տաճարին մէջքին, աւագ դրան երկու կողմէն մինչեւ խորանին կողքը, ագուցուած է 15 սմ. լայնքով խճանկար գօտի մը` գորշ, սպիտակ եւ ոսկի գոյնով, թռչունի եւ օղակաձեւ հիմնանկարներով զարդարուն։ Պատերուն մնացեալ մասը ծածկուած է յարմարածոյ կոչուած հաստուածաձեւումներով։ Հիւսիսային եւ հարաւային կողմերուն վրայ կան դուռեր, որոնց վերեւ կը գտնուին իրարու յարակցուած երեքական մեծ լուսամուտներ` հայկական զարդակերպերով երփնանկարուած ապակիներով, որոնք պատրաստուած են Փարիզի մէջ։ Գմբեթին, պատուհաններուն եւ բոլոր դուռերուն շուրջ կան հայկական ոճով տերեւանման, ծաղկազարդ եւ հիւսուածակերպ ցցունազարդ դրուագումներ։ Դասը` որուն աջակողմի գլուխը կը գտնուի Առաջնորդական Աթոռին ամպհովանին, պատրաստուած է պետական արհեստագործարանին մէջ, ատեանէն բարձր է եւ անկէ կ’անջատուի փայտեայ բազրիքով մը։ Եկեղեցիին արեւելեան կողմը, համակ մարմարակերտ խորանին կեդրոնը կը կանգնի խաչկալը` չորս սիւներու վրայ ամպհովանի ծածկոյթով. սիւներուն

380


խոյակները կը ներկայացնեն աւետարանիչներու խորհրդապատկերը, ամպհովանիին անկիւնները դրուագուած են վեցթեւեան սերովբէի գլուխներ, իսկ խաչկալին ամբողջ սարուածքը` ծայրի ոսկեշող խաչով միասին կը կրէ քանդակազարդերու հոծ յեռուածք մը։ Սեղանը պսակուած է Յիսուսի ծննդեան նկարով, որուն առջեւ կը վառի մշտավառ կանթեղ մը։ Կողմնակի որմատակը` մինչեւ գեղաքանդակ քիւը, պատուած է արեւելեան դեղմնագոյն մարմարով եւ Անիի Մայր Եկեղեցիին նման ունի տասնմէկ բացուտներ, որոնց երկու ծայրերը կան սրբանոցները։ Խորանի ծոցին կեդրոնը` Քրիստոսի մեծադիր որմանկարն է, բազմած գահին վրայ, աջ ձեռքը օրհնաձիր խաչակնքումի ձեւով վեր բարձրացուցած, ձախ ծունկին վրայ բացուած Աւետարանով` ուր արձանագրուած է. «Այս է պատուէր իմ` զի սիրեսջիք զմիմեանս, որպէս ես զձեզ սիրեցի»։ Անոր երկու կողմերը կան բուրվառ ի ձեռին հրեշտակներ եւ ասոնց կողքին զոյգ մը ծնրադիր հրեշտակներ` օրհներգու դիրքով։ Քրիստոսը իր մեծ նայուածքին մէջ հզօր բարութեան մը քաղցրութիւնը կը յայտնէ, հրեշտակները աներկրային էակներու անգայտ վերացումն ունին իրենց աչքերուն մէջ եւ շնչերգող շուրթներուն վրայ8։ Այս որմանկարներուն ներքեւ կան տասներկու Առաքեալներուն նկարները, բոլորն ալ հասակով դիրքի մէջ, բոլորին ձեռքին` իրենց խորհրդանշանը եւ իւրաքանչիւրի կողքին գրուած անունը մեսրոպեան տառերով։ Առաքեալները` հոգեւոր աշխարհակալութեան մը երազէն կրակուած սիրտերու կտրիճ միամտութիւնն է որ ի յայտ կը բերեն իրենց ընդհանուր կերպին մէջ, նոյն ատեն իւրաքանչիւրը ներկայացնելով իրմով աւետարանուած ժողովուրդներու ցեղական տիպարը9։ Խորանին կամարը որմանկարուած է զանազան զարդաձեւերով. անոր վերեւ կը հանգչի թեւաբաց աղաւնի, իսկ աղեղին վրայ` շրջանակներու մէջ կան ս. Արիստակէսի, ս. Վրթանէսի, ս. Սահակի եւ ս. Մեսրոպի արտայայտիչ դէմքերը։

Ամբողջ այս նկարազարդութիւնը, - կը բացատրէ շինարար Սրբազանը, - կատարւած է քիչ մը թունդ երանգներով - որպէսզի ժամանակին կանխաւ տրուած ըլլայ սպառումի բաժինը - եւ հայկական արուեստի վաղնջական (archaïque) ոճով...։ [Ը]նդունիլ պէտք է սակայն թէ, ինչպէս անվերապահօրէն յայտարարեցին գեղարուեստներու գիտական հասկացողութիւնը ունեցող բազմաթիւ օտար ու մերազգի հմուտ անձնաւորութիւններ, կրօնական նկարչութեան` հայկական արուեստի եւ որմանկարի տեսակէտներէն դիտուած ատեննին, իսկատիպ յաջողութիւններ են անոնք։ Ըմբռնելու համար այս կերպ պատկերազարդութեան արժէքը, - կ’ամբողջացնէ

381


Սրբազան հեղինակը, - պէտք է նկատի ունենալ նախ սա պարագան թէ հայկական ճարտարապետութեան հնադրոշմ ոճով կատարած կառուցուածքի մը համար, որպիսին է եղած այս եկեղեցւոյ շինութիւնը, անհրաժեշտութիւն էր հայկական նկարչութեան հնադրոշմ այս ոճը. հակառակը` արուեստի անհարազատութիւն մը միայն պիտի ըլլար10։ Որմանկարի յատկանիշն է ազնուական պարզութիւնը. որմանկարիչը չի յարգեր հեռանկարի օրէնքը, բայց փոխարէնը իր հոգին գրաւուած է ենթակային նկարագիրով, անոր արտայայտութիւնը կազմող ինքնուրոյն ձեւերով, կեցուածքի սերտ եւ սեռն յատկաւորուկներով11։ Բեմին երկու կողմէն կարելի է մտնել պահարանները։ Աջակողմեան պահարանին մէջ, կեդրոնը կը կանգնի կճեայ, գեղաքանդակ մկրտութեան աւազանը. խորքին հաստատուած է ս. Սարգիս եկեղեցիէն մնացած փայտեայ խորանը` մկրտութեան նկարով։ Դիմացի պատին վրայ նկարուած է Յիսուսի մկրտութեան տեսարանը։ Հասկնալու համար Մկրտութեան որմանկարը, պէտք է կարենալ մտապատկերել Հրէաստանի անապատին մէջ վայրի մեղրով ու մարախով սնած տեսանողը, որուն հոգւոյն մէջ մեծ թուականի մը առաւօտն է ծաթած12։ Ձախակողմեան պահարանին մէջ` որ սարկաւագատունն է, փոքր սեղանի մը վրայ զետեղուած է ս. Սարգիս եկեղեցիէն մնացած հին շրջանակ մը` մէջը Էմմաուսի ճամբորդը նկարը։ Այս պահարանէն` նեղ աստիճաններէ իջնելով կը հասնինք գետնայարկի զգեստարանը, ուր պահուած են հնաւանդ սրբազան սպասներ։ Գաւիթէն երկու կողմերու սենեակները` հոգելոյս Մամբրէ Սրբազանի առաջնորդութեան օրով վերածուած են մատուռներու. աջակողմի սենեակը` «սրբոյն Գէորգայ քաջայաղթ զօրավարին» նուիրուած է 1932 թ., իսկ ձախակողմի սենեակը` 1965 թ., Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին առիթով, վերածուեցաւ նահատակաց մատուռի. նախագիծի հեղինակ` ճարտ. Հրազդան Պալեան։ Այստեղ պէտք է մատնանշել` որ երկու մատուռներն ալ, եկեղեցիին ընդհանուր ոճին եւ ոգիին անյարիր` տարբեր ճաշակներով յարդարուած են, մանաւանդ նահատակաց մատուռը։ Հոս` խորքի պատին վրայ հաստատուած է սեղանը, որուն վերեւ զետեղուած է Վեհափառ Հայրապետին նուիրած հայկական սիրուն խաչքարը։ Մատուռին լուսաւորութիւնը ապահովուած է շատ հասարակ լուսամփոփով մը, փոխանակ խաչքարին համապատասխան որմաճրագի մը, որուն գեղեցկագոյն նմոյշները կարելի է տեսնել տաճարին հիւսիսային, հարաւային եւ արեւմտեան պատերուն վրայ։ Վերնատունը` որ գաւիթին վերեւ կը գտնուի, կարելի է բարձրանալ ներքնա-

382


դուռին աջ եւ ձախ կողմերը գտնուող ոլորակուող սանդուղներէն, երեք մասէ բաղկացած է. միջինը` կրծկալուած փայտեայ բազրիքով մը, ուր զետեղուած է երգեհոնը, տրամադրուած է Շնորհալի երգչախումբին, երկու կողմերու աւելի փոքր տարածութեամբ սենեակները յատկացուած են բարեպաշտ կիներու։ Զանգակատունը կը հանգչի աւագ դրան վերեւ, ուր կարելի է ելլել վերնատան ձախակողմի սանդուղներէն վեր բարձրացող աստիճաններէն։ Այստեղ զետեղւած են Գերմանիա ձուլուած երեք մեծ եւ վեց փոքր զանգակներ, բոլորն ալ հայերէն արձանագիր իմաստալից յիշատակարաններով։ ***

Այդ շէնքը բարձրացած է հոդ, գոհացում տալու համար ոչ թէ նիւթական կամ կենցաղական այլ բարոյական եւ հոգեկան պէտքի մը, - կը խորհրդածէ շինարար Սրբազանը։ Նշան մըն է ան, որ կը ներկայացնէ երկար դարերէ ի վեր մեր մէջ ապրած, մեզի համար արդիւնագործուած սկզբունքի մը ոյժը, մեր ազգային իտէալին խորհուրդը ամբողջ։ Անիկա կը պատկերացնէ գաղափարը, որ մեր էութիւնը լուսաւորեց այն օրէն ուր ցեղին զգացումը ազգային գիտակցութեան փոխուեցաւ մեր մէջ, ինքնուրոյն գրականութեան մը հաստատումովը, սեփական պատմութեան մը սկզբնաւորութեամբը, բնատոհմիկ գեղարուեստի մը մշակոյթովը եւ մեր հոգիին մէջ խմորումովը ա՛յնպիսի առաքինութեանց, որոնք տեղ մը տուին մեզի քաղաքակրթուած ազգերու շարքին մէջ։ Այդ ամէնը կատարուեցան Հայ Եկեղեցւոյ, այսինքն մեր ազգային կրօնքին հովանիին տակ եւ անոր շունչովը. եւ այս շէնքը, իբրեւ գեղեցկութիւն, իբրեւ շնորհք, իբրեւ արտայայտութիւն հոգեկան մեծութեանց, կը յիշեցնէ մեզի այդ ամէնը13։ Այս շէնքը նշանակալից է նաեւ անով որ ամէն օր մեր ազգային զգացումին մէջ կը վերանորոգէ հին բայց չմոռցուելիք եւ ճշմարիտ արժէքներու գիտակցութիւնը, տեսակ մը ներքին ոյժ օտարացումի վտանգներուն դէմ։ Ու նուիրական` այն պատճառով որ մեզի կը հաղորդէ պատգամը բարի եւ իմաստուն անցեալի մը14։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին կառուցումի եւ օծումի յիսուն տարիները լրանալուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ. Տ. Վազգէն Ա., 920 թուահամարով Իր սրբատառ կոնդակին մէջ կը գրէր` թէ Հոգեկան մխիթարութեամբ կը յիշենք այն պահերը, երբ Մեր այցելութեանց առթիւ Գահիրէ, ձեզի հետ միատեղ աղօթեցինք Ձեր փառաւոր աղօթքի Տունին մէջ, որ հայ սփիւռքի ամբողջ տարածքի ամէնէն գեղեցիկ տաճարն է, յօրինուած հայկական դասական ճարտարապետական հարազատ ոճով։

383


Այս նուիրական վայրէն հեռանալէ առաջ, սիրելի ընթերցող, եկէք միասին կարդանք Աւետիք Իսահակեանի մէկ գողտրիկ բանաստեղծութեան հետեւեալ տողերը. Հոգով ներշնչուած սուրբ քարերիդ մէջ Իմ ժողովուրդը` հիացքով արդար, Մարմինը տեսաւ իր երկնասլաց Վսեմ խոհերի, վեհ գաղափարի, Եւ իրեն բարձր զգաց... Հպարտ ու հզօր...։

ԱՅՐՆ ՄԵԾԱՀԱՒԱՏ ԳՐԻԳՈՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Ազգին տաճար մը կանգնեց փառազարդ Եւ ուսումնատենչ օժտեց մանկտին Դամբարանի մը պարզունակ արձանագրութենէն երկու տողեր` արդէն կը բովանդակեն եգիպտահայ երկու իմաստուն բարերարներէն մէկուն, կորովի Գրիգոր Եղիայեանի ամբողջ գործը։ Խունկի եւ խէժի վաճառականութեամբ զբաղող ջուղայեցի Թագւորի որդի Եղիա պարսկահայը` Գահիրէի մէջ կ’ամուսնանայ Կատարինէ անունով ղպտի օրիորդին հետ, որմէ կը ծնի Գրիգոր, 1833 թ. Մայիսի 25-ին15։ Մահտեսի Եղիազար ամիրայի անուան` եգիպտահայ առաջին դպրատան մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք, Գրիգոր անհատական վարժարաններու մէջ օտար լեզուներ սորվելով` առիթ կ’ունենայ Ռուսական Հիւպատոսարանին մէջ թարգմանի պաշտօն ստանձնելու։ Յետագային, Գրիգոր Եղիայեան կը ստանձնէ նոյն հիւպատոսարանին` գանչելէրի եւ փոխ-հիւպատոսի պաշտօնները։ Մայրաքաղաքին օտար շրջանակներուն մէջ` Գրիգոր Եղիայեան ճանչցուած է Գարգուր Էլիաս եւ Կրէտուր տ’Էլի անունով, վայելած է բարձր պաշտօնատարներու համակրանքը եւ այդ առիթով ստացած է ռուսական, օսմանեան, իտալական եւ պարսկական պատուանշաններ։ Իր բարձր պաշտօններուն առընթեր` Գրիգոր Եղիայեան ազգային-հասարակական գործունէութիւն ալ ունեցած է անդամակցելով Սահմանադրական թաղական խորհուրդին, Գաւառական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիրներու կազմին։ 1905-1908 թթ., Քաղաքական Ժողովի ատենապետութեան շրջանին, Ազգային

384


Առաջնորդարանը լաւագոյնս օգտուած է Գրիգոր Եղիայեանի վարչագիտական հմտութենէն։ Իր ընտանեկան խաղաղ կեանքին քայքայումը` մանկատի աղջնակին եւ սիրելի կնոջ վաղաժամ կորուստը կսկիծով կը համակեն Եղիայեանի զգայուն հոգին։ Ազգային զգացումներով տոգորուած` նկատելով մայրաքաղաքի հայութեան գոյատեւումին երկու ազդակները` Գրիգոր Եղիայեան 1906 թ. Յունիսի 7-ին ստորագրած կտակով` ազգին կը նուիրէ իր գոյքերուն եւ ստացուածքներուն մէկ մասը, հետեւեալ պայմաններով. ա. Մըհալլա’լ Քապիրի մարգազին մէջ կալուած մը` որ անձեռնմխելի պիտի մնայ, անոր հասոյթով կրթաթոշակ գոյացնելու համար։ բ. Շուպրա թաղամասին մէջ գտնուող պարտէզով մեծ տունին, քաղաքի կեդրոնի երեք շէնքերուն եւ մթերանոցներուն, ինչպէս նաեւ գիւղական շրջանի մը 1528 քառակուսի կանգուն ստացուածքին վաճառումով, մայրաքաղաքին մէջ` Առաջնորդարանին որոշումով հողամաս մը գնել, եւ այդ տարածութեան վրայ կառուցանել ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան նուիրուած եկեղեցի մը։ Նուիրահաւաքութեան համար Եգիպտոս եկած հասարակական գործիչ մը` որ առիթ ունեցած է ճանչնալու «Ռուսական հիւպատոսարանին գանչելարը ու Ազգ. Առաջնորդարանին մռայլադէմ ջոջը», կը յայտնէ` թէ Գրիգոր Եղիայեան «աչքիս կը ներկայանար իբրեւ տիպարը համակրելի մեծատունի, յամառ, անողոք, ժայռասիրտ մարդ մը», որուն «համոզումն էր` թէ Եգիպտոսի Հայը պէտք չէ առատաձեռն ըլլայ օտարերկեայ Հայերուն համար, եւ թէ ամէն քաղաք` իր տեղւոյն աղքատն ու որբը միայն պէտք է հոգայ»։ Օդափոխութեան նպատակով Թրիեսթէ քաղաքը հասնելուն` Գրիգոր Եղիայեան կը մեռնի 1911 թ. Յունիս 21-ին, եւ դիակը Գահիրէ փոխադրուելով` կը թաղուի ազգային բարերարի վայել հանդիսաւորութեամբ։ Մարմինայի գերեզմաննոցը դեգերող հետաքրքիր այցելուն` ս. Մինաս մատուռին հիւսիս-արեւելեան անկիւնին մօտիկ պիտի տեսնէ մեծահաւատ մարդուն դամբարանը, կնոջ եւ աղջկան շիրիմներուն կողքին։ Մեքենագիր` ձեռագիր սրբագրութիւններով, անաւարտ, Գահիրէ, 1989

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ագաթանգեղոս, Պատմութիւն հայոց, աշխարհաբար թարգմանութիւն, ներածութիւնով ու ծանօթագրութիւններով Արամ Տէր Ղեւոնդեանի, Երեւան, 1977, էջ 29, 30, 106, 107, 108, 109, 110, 118, 119, 139։ 2. Աբուսահլ Հայ, Պատմութիւն եկեղեցեաց եւ վանորէից Եգիպտոսի, Վենետիկ, 1895, էջ 16, 18, 19, 22, 29, 36, 37։

385


Թ. Ե. Գ. [Թորգոմ Եպիսկոպոս Գուշակեան], Եգիպտոսի հայոց հին եւ արդի եկեղեցիները եւ պատմութիւն շինութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նորաշէն եկեղեցւոյ Գահիրէ, Գահիրէ, 1927, էջ 12-14, 28-33, 39-46, 47-49։ Նազարէթ Մ. Աղազարմ, Նօթեր Եգիպտոսի հայ գաղութին վրայ, Գահիրէ, 1911, էջ 10, 21-22, 79-81։ Յ. Սուֆեան, Եգիպտոսի հայ մէմլուքներն ու իշխանները Ֆաթիմեան շրջանին, Գահիրէ, 1928, Յաւելուած. Հայազգի շէյխ Ապու Սալէհ պատմիչը, ԺԲ. դարու Գահիրէի հայ վանքը, եկեղեցիներն ու պատրիարքը, էջ 71-74։ Արտաշէս Հ. Գարտաշեան, Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց պատմութեան համար, Ա. Պատմութիւն եգիպտահայ եկեղեցիներու եւ գերեզմանատուններու, Գահիրէ, 1943, էջ 45, 9-12, 13-16, 23-26, 26-29, 67-74։ Գէորգ Մըսրլեան, Ականաւոր հայեր Եգիպտոսի մէջ. քաղուած Մագրիզիէ եւ այլ նշանաւոր պատմագիրներէ, Հայր Ներսէս Վ. Ակինեանի յառաջաբանով, Գահիրէ, 1947, էջ 148-151, 155-157, 158-159, 160-161, 162, 163-164, 165-167։ Նուպար Տէր Միքայէլեան, Եգիպտահայ գաղութը 10-15-րդ դարերում, Պէյրութ, 1980, էջ 103-105, 260-261։ 3. Թ. Ե. Գ., նշ. աշխ.ը, էջ 34-35։ 4. Գրական թերթ, օրգան Հայաստանի Գրողների Միութեան վարչութեան, Երեւան, 1 Յունուար 1965։ 5. Թ. Ե. Գ., նշ. աշխ.ը, էջ 88։ 6. Նոյն տեղը, էջ 86-87։ 7. Նոյն տեղը, էջ 88։ 8. Նոյն տեղը, էջ 103։ 9. Նոյն տեղը, էջ 103։ 10. Նոյն տեղը, էջ 100-102։ 11. Նոյն տեղը, էջ 102-103։ 12. Նոյն տեղը, էջ 104։ 13. Նոյն տեղը, էջ 110-111։ 14. Նոյն տեղը, էջ 112։ 15. Նոյն տեղը, էջ 70։

386


ՖՐԱՆՉԻՍԿԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՍՏԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մուտք Կրօնական մեծ կարգերը Հայաշխարհի մէջ հիմնուած Ֆրանչիսկեան կրօնական-կրթական առաքելութիւնները Տաւրոսի առաքելութիւնները Կասիոսի առաքելութիւնները Ֆրանչիսկեան Մարտիրոսներ` որոնք արժանի եղան Լուսեղէն եւ Երկնային անթառամ պսակին P. Salvatore Lilli, O.F.M. P. Materne Muré, O.F.M. Քրիստոնէական Արեւելքի Ուսումնասիրութեան Ֆրանչիսկեան Կեդրոնը` Երուսաղէմ-Գահիրէ Ֆրանչիսկեան հեղինակներու նպաստը` հայագիտութեան Հեթում Պատմիչ Ֆրանչիսկոս Զաքարիա դի Մարտիրոս Ջուղայեցի P. Girolamo Golubovich, O.F.M. P. Materne Muré, O.F.M. P. Martiniano Roncaglia, O.F.M. Հայր Բարսեղ Թալաթինեան / P. Basilia Talatinian, O.F.M. Արեւելագէտ եւ հայագէտ` Հայր Վենսան Մուսթարիհ / P. Vincent Mistrih, O.F.M.

ՄՈՒՏՔ

ԺԳ. դարէն սկսեալ, կաթողիկէ առաքելութիւններ` թէ Կիլիկիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ, շփում ունեցած են Հայ Եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին հետ, եւ այդ առիթով` մօտէն ծանօթացած են մեր մշակոյթին։

387


§üñ³ÝãÇëÏ»³Ý Ùdzµ³Ýáõû³Ý Ýå³ëïÁ Ñ³Û ÅáÕáíáõñ¹ÇÝ »õ ѳ۳·Çïáõû³Ý¦ ³Ý³õ³ñï áõëáõÙݳëÇñáõû³Ý ïÇïÕáë³Ã»ñÃÁ£

388


Այդ առաքելութիւններուն մաս կազմած են Ֆրանչիսկեան հայրերը, որոնք մինչեւ այսօր պահած են իրենց հետաքրքրութիւնը` մանաւանդ մեր կրօնական գործունէութեան նկատմամբ։ Հաւանաբար հայերու նկատմամբ տածուած այդ հետաքրքրութիւնը ունենայ իր յատուկ պատճառը. արդարեւ, հայ բանասիրութեան մէջ գոյութիւն ունի այն կարծիքը` Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի պապը եղած է գաղթական հայ վաճառական մը, որ կերպասեղէնի առեւտուրով զբաղած է Իտալիոյ մէջ։ Արեւելք այցելած ամէն Ֆրանչիսկեան ուղեգիր կամ ժամանակագիր իր աշխատութեան մէջ անպայման անդրադարձած է հայերու մասին։ Այդ նիւթերէն մաս մը լոյս տեսած են, իսկ կարեւոր մաս մըն ալ` տակաւին կը մնան անտիպ1։

ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ՖՐԱՆՉԻՍԿԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Առաջին առաքելութիւնները, որոնք ղրկուած էին 1245-1247ին Իննովկենդ Դ. Պապէն, կը բաղկանային Ֆրանչիսկեան միաբաններէ եւ նպատակ ունէին դիմելու այն Մոնկոլ զօրավարներուն, որոնք Ռուսաստան եւ Հայաստան կը գտնուէին, վասնզի ուղղակի անոնցմով կը շահագրգռուէին իբրեւ իրենց նպատակին ձեռնտու ոյժեր։ «...Հայաստանի պատուիրակութեան գլուխն էր Լորենս Փորթուկալցի2։»

«Կիլիկիոյ Հայ թագաւորութեան մէջ ալ լատինականութեան տարածուելուն մեծ միջնորդը Փրանկիսկեան կրօնաւորները եղան, որոնք նոյն ինքն արքունեաց մէջ` գործ եւ պաշտօն ստանձնեցին, եւ օգտուելով Լատիններու հետ խնամութիւններէն, ու Լատին տիկիններու գործակցութենէն, հետզհետէ լատինասիրութիւնը աճեցուցին Կիլիկիոյ արքունիքին եւ ժողովուրդին մէջ, վերջէն ուղղակի Հայ եկեղեցիին մէջ մտնելու համար3։» ‘La destruction des missions franciscaines de la Cilicie’, Offprint SOC-Collectanea 32, 1999, p. 348.

P. Sabatino del Gaizo ‘Il s’agit donc du fameux P. Sabatino del Gaizo, Apôtre et fondateur, avec Mgr. F. Gianini (alors Custode de Terre Sainte) et P. L. Tuesta, de la maision franciscaine de Kessab, en 1901. Le P. Sabatino passa toute sa vie dans les missions franciscaines de la Cilicie, et une vingtaine d’années à Kessab. Voir sa biographie chez R. Attard, I miei

389


Cinquant’anni di vita Religiosa nella Custodia di Terra Santa, 1885-1935, (manuscript de nos archives), pp. 576-584. Il mourut à Alep le 8/4/1934, âgé de 66 ans. Le P. Attard dit: “compose e pubblicò un catechismo in lingua turca, una specie di filotea, nonchè le Litanie della SS. Vergine con altre devote canzoncine popolari...” (op. cit. p. 577). Il fait probablement allusion à ce manuscrit. Albert Témirian, élève du P. Sabatino, dans son livre Kessab, (1909-1946), Beyrouth 1956 (en arménien), consacre tout un chapitre à son Curé, sous le titre ‘Un missionnaire franciscain dévoué’ (ib. p. 168-80). Il affirme aussi qu’il était un homme instruit: ‘Il connaissait l’italien, le latin, le français et le turc. Il était si avancé dans cette dernière langue, qu’il faisait en turc de jolis sermons. Il traduisit de l’italien en turc et publia, en caractères arméniens, des livres de dévotion’ (ib. p. 176s.). Mgr. Jean Naslian aussi fait ses éloges, comme sauveur de milliers d’Arméniens, lors des massacres de l’an 1909 (cf. J. Naslian, Les Mémoires de Mgr. Jean Naslian Evêque de Trébizonde, Beyrouth s.d., II vol., p. 323)4’.

‘Dans l’œuvre de la reconstruction, on ne pourra jamais oublier l’activité désintéressé et éminemment apostolique de l’admirable missionnaire que fut le P. Sabatino*. Il a poussé jusqu’à l’héroïsme son zèle pour la sauvegarde des Arméniens, sans distinction de religion. Un incident en donnera la preuve: dès la rentrée, il y eut à déplorer à Kessab un grave conflit entre des partis politiques arméniens, vrai fléau de ces parages: ils s’entretuaient pour rien et les faits d’armes arrivèrent à un moment donné à dégénérer en véritables combats: le R. P. Sabatino simulant un enterrement d’un orphelin mort, à faire dans le cimetière, reprit clandestinement la route de Lattaquité d’où il put faire venir à Kessab une troupe de soldats français qui surent réprimer la révolte en cernant les combattants, en arrêtant les responsables du conflit et en les éloignant pour toujours de la ville. Ainsi l’ordre fut rétabli et la population pacifique reprit sa vie normale qui, depuis 1922, et malgré les quelques fâcheuses conséquences de ses divisions intestines, a continué à prospérer dans la tranquillité jusqu’aux jours du détachement du Sandjak de la Syrie qui provoqua plus tard le mouvement d’émigration pour l’Arménie Soviétique d’un assez grand nombre des habitants, mêmes catholiques. En tout cas, l’œuvre gigantesque de construction d’établissements scolaires et autres, entreprise par le Père Sabatino** restera une bénédiction pour les habitants de ce pays relativement pauvre, habitué à vivre de subsides et d’assistance spéciale. * Des déportés du temps de la guerre mondiale, les derniers à rentrer à Kessab en 1918 furent ceux qui accompagnèrent le R. P. Sabatino: 7 orphelins et orphelines, 5 veuves, 4 vieillards, trois familles. De ce petit groupe de sa population, il écrivait: ‘Les lauriers du Cassius retournent fleurir’ (La T. S. année 1923, page 215-219). ** La mission franciscaine de Kessab deux fois fut détruite et deux fois également

390


reconstruite. Le 8 Mai 1924, fut bénie et posée solennellement la première pierre d’une nouvelle et grande Eglise. Attenante à ce sanctuaire, la Custodie de la Terre Sainte eut soin de maintenir gratuitement une école florissante de cent garçons arméniens, instruits par des professeurs arméniens payés à ses frais (T. S. 1925, page 17). Ces nouveaux établissements encouragèrent les Arméniens à y rentrer nombreux et à repeupler Kessab, situé à la frontière turque dans le Sandjak d’Alexandrette. Elle fut définitivement soustraite au joug turc et resta à la Syrie grâce à une intervention efficace du Saint Siège pendant l’annexion à la Turquie kémaliste du Sandjak tout entier (P. G.)5’. Ալպէռ Թէմիրեան, Քէսապ (1909-1946), Պէյրութ, 1956, էջ 168-180։

R. Attard, I miei Cinquant’anni di vita Religiosa nella Custodia di Terra Santa, 18851935, ms, pp. 576-584.

J. Peña U.F.M., Las Antiguas Misiones Franciscanas Entre Los Armenios, Cuadernos de Tierra Santa, Jerusalem: Franciscan Printing Press, 1975.

ՖՐԱՆՉԻՍԿԵԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐ` ՈՐՈՆՔ ԱՐԺԱՆԻ ԵՂԱՆ ԼՈՒՍԵՂԷՆ ԵՒ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԱՆԹԱՌԱՄ ՊՍԱԿԻՆ

Ֆրանչիսկեանները մասնակից եղած են նաեւ հայ ժողովուրդին կրած տառապանքներուն, եւ նոյնիսկ մարտիրոսներ ալ արձանագրած են։ Անուններ յիշելու համար, թուենք` Զէյթունի ապստամբութեան օրերուն, Padre Salvatore-ի պարագան, իսկ Մարաշի աղէտին ականատես` Père Materne Murè, Կոմիտաս Վարդապետին նման, ջղային խանգարումի զոհ եղած է։

L’assassinat du Père Salvatore par les soldats turcs. témoignage d’Aghassi, un des quatre chefs de l’insurrection de Zeïtoun, traduit de l’arménien par Archag Tchobanian, avec une préface de Pierre Quillard, Paris: Mercure de France, 1897, 45 p.

Salvatore Lilli e sette cristiani armeni martiri per la fede di Cristo, Quaderni di Terra Santa, 1982, XI, 32 p. - ‘Salvatore Lille, cenni biografici’, p. 2-3. - Germano Cerafogli, ‘In Medio Oriente’, p. 4-5. - Basilio Talatinian, ‘Une testimonianza oculare del martirio par la fede’, p. 6-7. - P. Giuseppe Nanni o.f.m., ‘Vivere e morire d’amore’, p. 13-24. - Sabino de Sandoli, ‘L’albo d’ere della Custodia francescana di Terra Santa’, p. 28-

391


29.

- ‘Gli ultimi martiri dell’Armenia Minore’, p. 30.

(Urbani Epifanio), ‘Les Bienheureux Lilli et ses compagnons’, L’Osservatore Romano, edition hebdomadaire, 12 octobre 1982.

‘Le 3 Octobre 1982, a Saint-Pierre de Rome Le Pape a proclamé neuf Bienheureuxs: le Père Salvatore Lilli et ses sept Compagnons martyrs6’. J. Pena O.F.M., Martires Franciscanas de la Armenia Menor, vìde ‘Cuadernos de Tierra Santa’, Jerusalem: Franciscan Printing Press, 1975, pp. 33-35. Եէնիճէ-Գալէի կռիւը եւ Հ. Սալվաթորի սպանութիւնը7։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՖՐԱՆՉԻՍԿԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ` ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ-ԳԱՀԻՐԷ

Քրրիստոնէական Արեւելքի Ուսումնասիրութեան Ֆրանչիսկեան կեդրոնը` Centre Franciscain d’Études Orientales Chrétiennes (Centro Francescano di Studi Orientali Cristiani - CFSOC) հիմնուած – 1954 թ., Գահիրէի Մուսքի թաղամասը հաստատուած իրենց վանքին մէջ, P. Martiniano Roncaglia-ի կողմէ։ P. Girolamo Golubovich o.f.m. P. Martiniano Roncaglia o.f.m. P. Gabriele Giamberardini o.f.m. P. Ladislaus Van Zeelst o.f.m. P. Vincent Mistrih o.f.m.

Աւանդական Արեւելագիտութիւնը` Orientalistica, կ’ուսումնասիրէր գլխաւորապէս Ասիոյ եւ Ափրիկէի խնդիրները. որպէս գիտութիւն յառաջ եկած է ԺԶ.ԺԷ. դդ., Հոլանտայի, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ8։

ՖՐԱՆՉԻՍԿԵԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ՆՊԱՍՏԸ` ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ

«Աւինեոնի հակաթոռ Պապերը Արեւելք ղրկեցին Ֆրանչիսկեան կրօնաւոր-

392


ներ, որոնք հայերէն կ’ուսանէին Պապերու պալատին մէջ, ուր արեւելեան լեզուներու յատուկ դասընթացք մը բացուած էր։ Հայերէնի ուսուցիչները, Կիլիկիոյ Հայ թագաւորները կը ղրկէին9։» «Փաստերը կան որ Միջին դարուն հայերէնը եւ պարսկերէնը Արեւելքի մէջ միջազգային լեզուներ էին, ինչպէս կը հաստատուի Ֆրանչիսկեան կրօնաւոր Օտոմիքօ Ֆոռդենոնէի (+1331), յուշերէն, ուր կը յայտնէ ոչ միայն իր հայերէն գիտնալը, այլ մեր լեզուն հարաւային Հնդկաստանի մէջ գործածած ըլլալը` իբրեւ յարաբերութեան միջոց։ Հ. Մատրոտ, որ Օդոսիքոյի վրայ հատոր մը հրատարակած է 1932ին, կը խորհի թէ Մարքոյ Փօլոյի պէս հայերէնի եւ պարսկերէնի տեղեակ էր, ինչպէս Ռընէ Կռուսէ ալ կը հաստատէ10։»

Երուսաղէմի իրենց տպարանէն լոյս տեսած է Անթուն Խանճիի արաբերէն լեզուով առաջին հայոց պատմութիւնը11։ Ֆրանչիսկեանները հրատարակած են հայատառ թրքերէնով բազմաթիւ հոգեշահ գրքոյկներ։ Անոնք ուսումնասիրած են առաւելաբար դաւանաբական, կանոնագիտական, մեկնողական նիւթեր։

Հեթում Պատմիչ «Պէտք չէ մոռնալ թէ, Հեթում որ լատին կրօնաւոր դարձած էր, իր պատմութեան բնագիրը ֆրանսերէն գրել տուած էր Նիկողայոս Սալկոնի, որ Կղեմես Ե. Պապին հրամանով, Պիկտաւիա քաղաքը, Հեթումի բերանացի թելադրածները գիրի առած է եւ ապա վերածած լատիներէնի 1307ին12։»

Հայր Յ. Մըսըրեան, «Հեթում Պատմիչ», Աւետիք, ԺԴ. տարի, 1945, թիւ 1-4, էջ 21-26։

Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Ազգապատում, Բ. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1960, ս. 1708-1709, «Հեթում Վանական»։ Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց անձնանունների բառարան, հատոր Գ., Երեւան, Պետական Համալսարանի Հրատարակչութիւն, 1946, էջ 73-75։

Ֆրանչիսկոս Զաքարիա դի Մարտիրոս Ջուղայեցի Հ. Ն. Ակինեան, «Ֆրանչիսկոս Զաքարիա դի Մարտիրոս Ջուղայեցի Ս. Ֆրանչիսկոսի կարգէն», Հանդէս ամսօրեայ, 1936, ս. 398-399։

393


P. Materne Muré Histoire des événements douloureux du mois de Novembre 1919 et de Janvier, Février 1920, par le Père Materne Muré, curé latin de Marache. Archivio Storico della CTS in Gerusalemme. Այս վերյիշումներուն լուսապատճէնը կը գտնուի CFSOC-ի դիւանին` ‘Documenti riguardanti I Martiri Francescani della Cilicia, 1920’ թղթածրարին մէջ, 87 էջ + տպագիր կտրօններ, ընդամէնը` 92 էջ։

R. P. Materne Muré, ‘Un épisode de la tragédie arménienne: le massacre de Marache (février 1920)’, Flambeau, janvier 1921, 4e année, no. 1. Հայր Բարսեղ Թալաթինեան / P. Basilia Talatinian, O.F.M. Իր մասին տես` CFSOC 21 C 11։

Իր աշխատութիւններուն մասին տես` Հայ ընտանիք, 198?։

P. Basilius Talatinian O.F.M., De Contractu matrimoniali juxta armenos, Hieroslymis: Typ. PP. Franciscanorum, 1947, 200 p.

P. Basilio Talatinian, ‘L’Assunta nella liturgia e teologia della chiesa armena’, Offprint from ATTI del congresso. Assunzionostico orientale organizzato dalla custodia di Terra Santa, Gerusalemme: Tipografia dei PP. Francescani, 1951.

P. Basilio Talatinian, ‘Il primato di Pietro e del Papa nella chiesa armena’, Studia orientali christiana armenica, Cairo: Edizione de Centro Francescano di Studi Orientali Christiani, 1960, pp. 215-357. P. Basilio Talatinian, ‘Due popoli: l’Armeno e lo Hayano’, estratto da Liber annus studii biblici franciscani, XXV, 1975, pp. 119-135.

P. Basilio Talatinian, ‘Florilegio dalla Spiegazione della Santa Messa di Nerses Lambronatzi’, arciverscovo armeno di Tarso (1152-1198)’, Offprint of G. C. Bottinie (a cura), Studia Hierosolymitana III Nell’Ottavo Centenario Francescano (1182-1982), (SBF Collectio Maior, 30), Jerusalem, 1982, pp. 193-245.

394


ԱՐԵՒԵԼԱԳԷՏ ԵՒ ՀԱՅԱԳԷՏ` ՀԱՅՐ ՎԵՆՍԱՆ ՄՈՒՍԹԱՐԻՀ P. VINCENT MISTRIH, O.F.M.

Ծննդավայրը Հալէպի ճամբուն վրայ` Լաթաքիայէն 60 քմ. հեռու, հովեկներուն նախասիրած գիւղերէն մէկն է Եագուպիէն13, որուն բնակիչները թէեւ արաբախօս` սակայն ազգասէր հայեր են։ Գերյարգելի Հայր Վենսան սերած է այդ գիւղի բնակիչներէն` Մուսթարիհ (Հանգստեան) ընտանիքէն, որ քսաներորդ դարուն սկիզբը` լատինացած է, այդ շրջանին մէջ լատին կրօնաւորներու կատարած քարոզչութեան հետեւանքով։ Ընտանեկան յարկը ԵԱԳՈՒՊԻԷ Գիւղի մարդահամարը` 1911 թուական Մովսէս վրդ. Ոսկերիչեան` Առաջնորդ Անտիոքի Հայոց CFSOC 17 էջ` պատճէն Քաղուած Լաթաքիոյ Հայոց Առաջնորդարանէն։

Ուսումնառութիւնը Եագուպիէի նախակրթարանը աւարտելէ ետք, Հ. Վենսան իր երկրորդական ուսումը ստացած է Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան Բեթղեհէմի Կղերանոցին եւ Երուսաղէմի Մայրավանքին մէջ։ Ապա, բարձրագոյն ուսումներու համար ղրկուած է Հռոմ, ուր երեք տարի հետեւած է Քահանայապետական Արեւելեան Քրիստոնէական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկի դասախօսութիւններուն։ Արեւելագիտութիւնը իբր մասնագիտութիւն ընտրած ըլլալուն` դեռ Երուսաղէմ գտնուած շրջանին, Հ. Վենսան հետաքրքրուած է հայերէն լեզուով, եւ երկու տարի մասնաւոր դասեր առած է Սրբոց Յակոբեանց միաբաններէն` Հ. Յովսէփ Վրդ. Մամուրէն։ Հազիւ ճաշակած հայերէն լեզուին քաղցրութիւնները, իր գիտելիքները աւելի զարգացնելու դիտաւորութեամբ` ան երկու ամիս անցուցած է Զմմառու միաբաններուն մօտ, եւ երեք ամիս ալ Սուրբ Ղազար` Մխիթարեաններու Մայրավանքը, օգտուելով Հ. Եղիա Վրդ. Փէչիկեանի գրաբար լեզուի անչափելի հմտութենէն։ Նշուած վայրերէն զատ, իր ուսանողութեան ժամանակ, Հ. Վենսան երկու տարի հետեւած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանին մէջ դասաւանդուող հայերէն լեզուի դասընթացքներուն14։

395


Գիտական գործունէութիւնը Դասական եւ արդի քանի մը լեզուներու խորապէս հմտացած ըլլալուն, իր մեծաւորներուն կարգադրութեամբ` Հ. Վենսան անմիջապէս փոխտնօրէն կարգուած է Մուսքիի Ֆրանչիսկեան Հայրերու Արեւելեան Քրիստոնէական ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնին, ուր մօտաւորապէս չորս տասնամեակներէ ի վեր մեղուաջան կը գործէ, խմբագրելով Collectanea տարեգիրքը, հրատարակելով եւ թարգմանելով աստուածաբանական, մեկնողական եւ կանոնական բովանդակութեամբ աշխատութիւններ։

Մատենագէտը Քանի մը տարի յաջորդաբար, գովելի յարատեւութեամբ, նախ Collectanea-ի մէջ, յետոյ որպէս առանձնատիպ, լոյս տեսան Հ. Վենսանի կազմած «Հայկական մատենագիտութիւն»-ը, ուր առաջին անգամ ըլլալով, հայագիտական կարեւոր հանդէսներու կարգին` եգիպտահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն խորագիրներն ալ ցանկագրուած են, իտալերէն կամ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ միասին։ Մատենագիտութեան այս ձեռնարկին նպատակն է` Եւրոպայի գիտական շրջանակներուն տարիէ տարի տեղեկութիւններ հաղորդել Միջին Արեւելքի կրօնական հարցերուն եւ գրական շարժումներուն մասին։ Անջատաբար հրատարկուեցան` 196415, 196516, 1966 եւ 1967-1968-1969 տարիները։ Վերջին տարիներու միացեալ մատենագիտութիւնը` պատրաստըւած է բոլորովին նոր եւ գործնական մեթոտով մը։

Մեկնողական եւ Վարքագրական գործերու հետազօտութիւն Հայ կրօնական գրականութեան գանձերէն հմայուած, Հ. Վենսան ձեռնարկած է մեր սուրբ մատենագիրներու կարգ մը գործերուն թարգմանութեան, որպէսզի հետաքրքիր Եւրոպան անմաս չմնայ Արեւելքէն եկող միտքի եւ հոգիի վայելքէն։ Այդ կարգի առաջին աշխատութիւնը եղաւ Գրիգոր Նարեկացիի Երգ երգոցի մեկնութեան առաջին չորս գլուխներուն իտալերէն թարգմանութիւնը, որ հրատարակուեցաւ Collectanea-ի 12-րդ հատորին մէջ, եւ շարունակութիւնը` 13-րդ հատորին մէջ, ‘Studia Orientalia Christiana – Armenica’ մատենաշարով. Commentario sul Cantico del Cantici di Gregorio di Narek (+1010), Introduzione, traduzione italiana e annotazioni di P. Vincenzo Mistrih, O.F.M. [Estratto da Collectanea, No 12, 1967, p. 467-534 e No 13, 1968-1969, p. 201-261], Cairo: Edizioni del Centro Francescano di Studi Orientali Cristiani, 1968-1969, 136 p. Երկրորդ աշխատութիւնը` Գէորգ Սկեւռացիի վարքերուն թարգմանութիւնն է. Trois biographies de Georges de Skevra, Presentation, texte et traduction de P. Vincent Mistrih, o.f.m. [Extrait de Collectanea No 14], Le Caire: Éditions du Centre Fran-

396


ciscain d’Études Orientales Chrétiennes, 1970, 113 p. + VIII pl + 8 չհամարակալուած էջ17։ Երրորդ աշխատութիւնը` Ներսէս Լամբրոնացի վերագրուած Հաւատամքի մեկնութիւնն է. Un commentaire du Credo attribué à Nersès de Lambroun, Présentation, texte et traduction par P. Vincent Mistrih, o.f.m. [Extrait de Collectanea No 15, 1972-1973, pp. 1-75], Le Caire: Éditions du Centre Franciscain d’Études Orientales Chrétiennes, 1973, 79 p. Հայկական ուսումներու Միջազգային Ընկերակցութիւն Association internationale des études arméniennes 10th Anniversary Conference September 1st-5th 1993 Caucasian Studies School of Oriental and African Studies University of London P. Vincent Mistrih O.F.M. ‘Mémoires sur les massacres de Mardin de A.Y.B.’

Vincent Mistrih, ‘Mémoires de A.Y.B. sur les massacres de Mardine,’ Armenian Perspectives: 10th Anniversary Conference of the Association Internationale des Études Arméniennes, School of Oriental and African Studies, London, Edited by Nicholas Awde, Surrey: Curzon, 1997, pp. 287-292.

Հայաստանի գիտական հիմնարկներուն հետ սերտ կապեր հաստատած ըլլալուն` Հայր Վենսան արժանացած է հայրենի գիտնականներուն աջակցութեան եւ ջերմ վերաբերումին։ Գիտնականի բնորոշ համեստութեամբ` որոնող, ուսումնասէր եւ բեղուն գրիչի տէր արեւելագէտ մըն է Հայր Վենման Մուսթարիհ։ ***

Միաբանութեան դարաւոր աւանդները` նորերուն մօտ կ’ընձիւղուին նոր աշխատութիւններով։ Ֆրանչիսկեաններու անցեալ գործունէութիւնը վերյիշեցինք, ներկայացնելու համար վերջին կէս դարու ընթացքին կատարուած բեղուն աշխատանքը` ընդհանրապէս, եւ հայագիտութեան մարզին մէջ` մասնաւորաբար։ Ձեռագիր եւ մեքենագիր, անաւարտ, Գահիրէ, 1998

397


ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. J. Mathorez, «Արեւելքի ժողովրդեան տարրեր Գաղղիոյ մէջ», թարգմ. Հ. Յ. Աւգեր, Բազմավէպ, Մայիս 1919, թիւ 5, էջ 148։ Գեղամ Խանամիրեան, Պայքար բացառիկ, 1951, էջ 1։ Aldo Valori, Corso di storia, volume primo: Il medioevo, Torino: Società Editrice Internazionale, 1949: - ‘I grandi ordini religiosi’, pp. 241-242. - ‘Mendicita Francescana’, p. 242. - ‘La figura di San Francesco’, pp. 243-245. - ‘Francescanismo e missioni’, pp. 245-246. 2. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ գաղթականութեան. հայերու ցրուումը աշխարհի տարբեր մասերը. Բ. (Քրիստոսի ԺԱ. դարէն մինչեւ դարու վախճանը), Գահիրէ, 1955, էջ 297։ 3. Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Ազգապատում, Բ. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1960, ս. 1712։ 4. Sebastien Brock, William F. Macomber, Vincent Mistrih O.F.M., ‘Catalogue des manuscrits syriaques, éthiopiens et arméniens du Centre d’Etudes Orientales Chrétiennes de Mouski, Le Caire’, Studia Orientalia Christiana, Collectanea 18, 1985, pp. 228-229. 5. Les Mémoires de Mgr. Jean Naslian Evêque de Trébizonde sur les événements politicoreligieux en Proche-Orient de 1914 à 1929, II volume, Beyrouth, pp. 323-234. 6. Jeanne Jugan, fondatrice des Petites Sœurs des Pauvres, L’Osservatore Romano, 12 octobre 1982. 7. Տես` Մասիս Պետրոսեան, Ապահ Պետրոսեան. կեանքը` յեղափոխական-հասարակական գործունէութեան ընդմէջէն, խմբագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Տիգրան Գէորգեան, էջ 126, 127 [անտիպ, տե՛ս` հատոր Դ.]։ 8. Տես` Հ. Գ. Ինճիկեան, «Հայ Արեւելագիտութեան զարգացման պատմութիւնից», Պատմա-բանասիրական հանդէս, Երեւան, 1968, թիւ 4, էջ 131-142։ 9. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ գաղթականութեան. հայերու ցրուումը աշխարհի տարբեր մասերը. Բ. (Քրիստոսի ԺԱ. դարէն մինչեւ միջին դարու վախճանը), Գահիրէ, 1955, էջ 615։ Քաղուած` Maurice Faucon, La Librairie des pages d’Avignon, tome second, Paris, pp. 3132. 10. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ գաղթականութեան. հայերու ցրուումը աշխարհի տարբեր մասերը. Բ. (Քրիստոսի ԺԱ. դարէն մինչեւ միջին դարու վախճանը), Գահիրէ, 1955, էջ 453։ 11. ˻˽˹ ι ˬ˺́˿́ ˬϰΠϧΎΧ ϥϮτϧ΍ ˬϦϣέϷ΍ Φϳέ΍ϮΗ ήμΘΨϣ 12. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ գաղթականութեան. հայերու ցրուումը աշխարհի տարբեր մասերը. Բ. (Քրիստոսի ԺԱ. դարէն մինչեւ միջին դարու վախճանը), Գահիրէ, 1955, էջ 166։ 13. Եագուպիէ հայաբնակ գիւղը կը գտնուի Իտլիպ նահանգին մէջ, Որոնդէս գիւղին մօտերը` Ճըսըր Շուղուր քաղաքէն դէպի հիւսիս քսան քմ հեռաւորութեան վրայ, բլուրի մը բարձունքին։

398


Եագուպիէի մէջ հայեր հաստատուած են Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան ժամանակ։ (Տ. Նորայր Մանճեան, «Եագուպիէ», Գանձասար, Յուսաբեր, 10 Յունուար 1994, էջ 4։ Ներսէս քհնյ. Թաթարեան, Եագուպիէի Ս. Աննա Մատուռը եւ իր հրաշքները, Ա. տպագրութիւն, Հալէպ, 1961, 16 էջ։ Ներսէս քհնյ. Թաթարեան, օժանդակութեամբ Շահէ քհնյ. Մասոյեանի, Եագուպիէի Ս. Աննա Մատուռը եւ իր հրաշքները, Բ. տպագրութիւն, Հալէպ, 1972։) Գիտական բնոյթ ունեցող լուրջ որեւէ ուսումնասիրութեան չգոյութիւնը, նաեւ պատմական յստակ տուեալներու գրեթէ բացակայութիւնը մինչեւ օրս կարծել տուած են որ Հայոց ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ նոր երեւոյթ մըն է, նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին առեւտրական յատկութիւնը եւ հայկական գաղթօճախներու համախմբումները` միայն գլխաւոր կեդրոններու մէջ։ Ը. դարէն սկսեալ հայերը մտած են Սուրիա, տիրապետած են գիւղերու եւ շատ բազմացած են. ունեցած են իրենց հոգեւոր հովիւները եւ կրօնական ուսուցման համար` իրենց վանքը։ Այդ շրջանէն մնացած են Արամոն, Շուղուրը, Եագուպիէն։ (Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ գաղթականութեան. հայերու ցրուումը աշխարհի տարբեր մասերը (սկիզբէն մինչեւ ԺԱ. դար), Գահիրէ, 1941, էջ 363։ Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ գաղթականութեան. հայերու ցրուումը աշխարհի տարբեր մասերը. Բ. (Քրիստոսի ԺԱ. դարէն մինչեւ միջին դարու վախճանը), Գահիրէ, 1955, էջ 402։) Հայկական գիւղերուն մէջ, որոնք կը տարածուին լեռներու բարձրաւանդակներու երկայնքին, գուցէ ամէնէն հանրածանօթն է Քեսապը, մինչ նուազ ծանօթ են Եագուպիէն եւ Քանայիան։ Այս փոքրիկ գիւղերուն մէջ, ուր այսօր կը բնակին միայն քրիստոնեաներ, կը գտնուին հայկական եկեղեցիներ, մատուռներ եւ գերեզմանատուներ, որոնք իրենց այժմու վիճակով, գեղարուեստականօրէն արժէք մը չեն ներկայացներ, սակայն, պատմական թանկագին վկայութիւններ են հայերու գոյութեան մասին Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ։ (Ատրիանօ Ալփակօ Նովելլօ, «Հայկական ճարտարապետութեան կոթողները Սուրիոյ մէջ (Archeologia, Aprile 1987)», թրգմ. Քոյր Թէոպիստէ Մարի Պետրոսեան, Շիրակ, Պէյրութ, Օգոստոս-Սեպտեմբեր 1989, էջ 82, 84։) 14. Լեւոնեան Վարժարանը հիմնուած է Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետին կողմէ, թելադրանքովը մեծագործ Հասուն Կարդինալին, որ 1848-ին հիմնելէ ետք Անարատ Յղութեան Միաբանութիւնը, գաղափարը յղացած էր Հռոմի մէջ, իբր կեդրոն կաթողիկէ հաւատքի, հիմնել նաեւ ժառանգաւորաց վարժարան մը հայազգի պատանիներու համար, որպէսզի անոնք կաթողիկէ վարդապետութեամբ դաստիարակուելով, կարենան Հայ Ազգին մէջ ուղղափառ հաւատքի լոյսը սփռել, եգիպսկոպոսներուն օժանդակելով։ Այս նպատակը շատ ուշ իրագործուեցաւ, 1883-ին, մինչ ծիրանաւոր Անտոն Հասունեան, Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետին հետ հիմնարկեց Կղերանոցը, ու հիմնադրին անունով կոչուեցաւ Հայկական Լեւոնեան Վարժարան. իսկ Հռոմի մէջ ճանչցուած է` Collegio Leonino Armeno անունով։ Նախապէս հայ ժառանգաւորները Ուրբանեան Համալսարանին մէջ կը կատարէին իրենց ուսումները. իսկ Լեւոնեան Վարժարանի հիմնուելէն ետք, այլեւս հարկ չկար Ուրբանեան դպրոց յաճախելու. ուստի այս դպրոցէն հայ երիտասարդներ անցած են

399


Լեւոնեան Վարժարանը։ Վարժարանը օժտուած է հոյակապ եկեղեցիով մը որ նուիրուած է Ս. Նիկողայոս Դոլենդինացիին, մարմարակերտ խորաններով, ոսկեձեղուն կամարներով, եւ երկնատեսիլ գմբէթով, երեւելի նկարիչներու գործերով ճոխացած է։ Լեւոնեան Վարժարանի աշակերտները համալսարանական բարձր ուսումներէն զատ, կը հետեւին հայ լեզուի, գրաբարի եւ աշխարհաբարի, նախնեաց մատենագրութեան, արդի գրականութեան, ճարտասանութեան, բանաստեղծութեան, հայ եւ եւրոպական երաժշտութեանց եւ ծիսագիտութեան ու հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասընթացքներուն։ (Գերպ. Յովսէփ վրդ. Գալայճեան, Կենսագրութիւն Յովհաննէս Արք. Նազլեանի, Venezia, 1976, էջ 32, 34, 35։) Ներսէս Ծ. Վրդ. Սէթեան` 1958-ին հրատարակած է Լեւոնեան Վարժարանի պատմութիւնը։ 15. Տիգրան Գէորգեան, «Օգտակար ձեռնարկ (Ֆրանչիսկեան հայրերու հայկական մատենագիտութիւնը)», Արեւ, 9 Օգոստոս 1967, ԾԳ. տարի, թիւ 14.793։ 16. Տիգրան Գէորգեան, «Ֆրանչիսկեան հայրերու հայկական մատենագիտութիւնը», Արեւ, 6 Ապրիլ 1970, ԾԴ. տարի, թիւ 15.591։ 17. Տիգրան Գէորգեան, «Տիեզերալոյս Գէորգ Սկեւռացիի երեք վարքերը ֆրանսերէն թարգմանութեամբ», Արեւ, 31 Յուլիս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.285 - 3 Օգոստոս 1972, ԾԷ. տարի, թիւ 16.288։

400


Նախաբան Գ. հատորի

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Մեմլուքեան շրջանէն նշանաւոր հայ ընտանիք մը

Պատմաբան Աւետիս Եափուճեան Պատմական Գիտութիւններու թեկնածու առաջին սփիւռքահայը

3 7 9

Կեանք մը բեղուն` հայ մշակոյթին եւ սերունդներու դաստիարակութեան նուիրաբերուած (Հայր Մեսրոպ վրդ. Ճանաշեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով)

12

Համատեղ ջանքերով... Հայկական պատմամշակութային անշարժ ժառանգութեան ուսումնասիրութեան առիթով

26

Արշակ Ալպօյաճեանի գիտական արխիւը համալրող նորայայտ նիւթեր

Ակադեմիկոս Գրիգոր Խանջեան 1926-2000 Carzou. ուրուատեսիլ տիեզերքի նկարիչը

Դէպի հազարամեակներ... Աւետարանելու ուղին` կը մեկնի Տարսոնէն

Լատինագէտ վարդապետը պարգեւատրուած

Եգիպտահայ դիմաստուերներ. ծանօթ եւ անծանօթ գորգանկարիչը

ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆՆԵՐ Օգտակար ձեռնարկ (Ֆրանչիսկեան հայրերու հայկական մատենագիտութիւնը)

Ֆրանչիսկեան հայրերու հայկական մատենագիտութիւնը

17

30

32

35

48

50 75

78

401


Հայագիտական ամենահին հանդէսը նոր տարազով

Տիեզերալոյս Գէորգ Սկեւռացիի երեք վարքերը ֆրանսերէն թարգմանութեամբ

Արեւմտեան գրական հայերէնի կազմաւորումի եւ զարգացումի պատմութիւնը

80 84 94

Ե.-ԺԷ. դարերու հայ մատենագիրները

102

Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքի դիւանին ուղեցոյց գրքոյկը

112

Նոր յայտնաբերուած հնատիպ գիրքեր

Յապաղած ձեռնարկի մը նախաքայլը` ՌԱԿ-ի կազմութեան համառօտ պատմութիւնը Բժիշկ Ֆարաճի ձիու բժշկարանը

Գրիգոր Նարեկացիի երգագրութիւնը` գանձեր եւ տաղեր

104

117

125

129

1915-1920 թթ. երկու վաւերագրեր` Մարտինի պատահարներուն մասին եւ Սէֆէր Պիրլիքը Հայլէպի մէջ 138 Հայոց արքաները եւ դժխոները

156

Դրոշմագիտական հետաքրքրական աշխատութիւն մը

166

Թ.-ԺԹ. դարերու հայ մանրանկարիչներու մատենագիտութիւնը

180

Հայոց արքաները եւ դժխոները

160

Նկատողութիւններ Արեւի արաբատառ ամսօրեայ յաւելուածի Ա. տարուան 12 համարներուն մասին 170

Իւրօրինակ հրատարակութիւն մը

Նորանուն պարբերականներու մատենագիտութիւն

402

185

190


Հալէպի հայերուն սպանդը. 28 Փետրուար 1919

194

Եսայի` Իսրայէլի մխիթարութեան մարգարէն

209

Կենդանազարդերը հայ մանրանկարչութեան մէջ Գէորգ վրդ. Սկեւռացիի Եսայի մարգարէի մեկնութեան աղբիւրներու որոնում

205

214

Գրիգոր Լուսաւորիչ ներկայացուած` իր սրբութեան եւ արուեստներու մէջ 223 Թ.-ԺԷ. դարերու անանուն հայ մանրանկարիչներու մատենագիտութիւնը

229

ՔՆՆԱԽՕՍԱԿԱՆՆԵՐ Ներսէս Շնորհալի` եկեղեց. միութեան ռահվիրան եւ երգաստեղծ (Ն. Շնորհալիի նուիրուած սրբազան համերգին առիթով)

241

Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն. համադրական նոր փորձ մը

234

«Նանսէնեան անձնագիր»ը եւ «Նանսէնեան ծրագիր»ը. Ֆրիտեոֆ Նանսէնի նուիրուած յիշատակի երեկոյին առիթով 245

Փրոֆ. Տոքթ. Վահագն Տատրեանի դասախօսութիւնը ՀՀ դեսպանատան մէջ 249 ՀՀ ազգային տօնի 9-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն Աղեքսանդրիա եւ Գահիրէ

ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐ Ալպօյաճեանի պատմական եւ բանասիրական գնահատելի ժառանգութիւնը

Արշակ Չօպանեանի հասարակական-քաղաքական հայեացքները քանի մը անտիպ նամակներու մէջ

Հարիւրամեայ հնութեամբ նամակ մը Լեւոն Բաշալեանէն

ԲՆԱԳԻՐՆԵՐ Անյայտ մնացած արձակագիր մը

251 255 274

289 301

403


Նեղոսի ափին (Պատկերաշարք)

312

ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Սայիտեան բարբառով աւետարանական պապիրոսներ

329

Փարաւոնական Եգիպտոսի գրական նմոյշներ

ԵԼՈՅԹՆԵՐ Կեանք մը արգասաւոր` մայրենի հնչիւններու ոգեշունչ լեզուով

Շրջանաւարտներու աւանդական պաղպաղակասեղանը. օրուան նախագահ Պր. Տիգրան Գէորգեանի խօսքը

Տոքթ. Ա. Եափուճեանի յոբելեանը. Պր. Տիգրան Գէորգեանի խօսքը

Բացման խօսք Նուպարեան Ազգային Վարժարանի ամավերջի հանդէսին Խօսեցան լեզուով անհուն գեղեցիկի

ԱՆԱՒԱՐՏ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Տոհմագրութիւն Խամսայի մելիքութիւններու

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցի Եգիպտոսի հայոց առաջնորդութեան Ֆրանչիսկեան միաբանութեան նպաստը հայ ժողովուրդին եւ հայագիտութեան

404

324

335 345

348

352

354 365 372

387


ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 2016

Յաւելուած Ա. Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ, նախաբան` Հայկ Աւագեան (59 էջ)

Յաւելուած Բ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ` յիշողութիւն եւ մարտահրաւէր (դասախօսութիւն) (40 էջ)

Յաւելուած Գ. Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր` Հ. Աւագեան (61 էջ)

Յաւելուած Դ. Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը (202 էջ)

2017

Յաւելուած Ե. Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (317 էջ) Յաւելուած Զ. Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (201 էջ)

Յաւելուած Է. Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (561 էջ)

Յաւելուած Ը. Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքի ուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (546 էջ)

405


Յաւելուած Թ. Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (19401948), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (88 էջ)

Յաւելուած Ժ. Տիրան Կարապետեան. յօդուածներ իր մասին, նկարներու ալպոմ (ծննդեան 135ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (73 էջ)

Յաւելուած ԺԱ. Վանիա Էքսէրճեան. բազմերանգ աշխարհ մը համակ կենսունակութեամբ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (53 էջ)

2018

Յաւելուած ԺԲ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Ա.- Հայկ Աւագեան, Արփիար Արփիարեանի սպանութիւնը (155 էջ)

Յաւելուած ԺԳ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Բ.- Արփիար Արփիարեանի լոնտոնեան թղթածրարը Գահիրէի մէջ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (497 էջ)

Յաւելուած ԺԴ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Գ.- Մարդը ընդդէմ մարդու. մահափորձեր եւ սպանութիւններ հայկական օրինակով (1890-1908), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (169 էջ)

Յաւելուած ԺԵ. 2008 Մարտ 1-ը ըստ Lragir.am-ի, A1+-ի եւ Հետքի (10-ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (625 էջ)

Յաւելուած ԺԶ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Ա. փուլ (13 – 23 Ապրիլ 2018) (32 էջ) Յաւելուած ԺԷ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Բ. փուլ (25 Ապրիլ – 1 Մայիս 2018) (58 էջ)

406


Յաւելուած ԺԸ. Արմենակ Շահ-Մուրատեան. ժամանակագրութիւն, յօդուածներ, երգացանկ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (580 էջ)

Յաւելուած ԺԹ. Գոհարիկ Ղազարոսեան. ցանկ ստեղծագործութիւններու, սկաւառակագրութիւն, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (160 էջ)

Յաւելուած Ի. Մարուշ Երամեան, Ուրուանկար 1965-1995 թուականներու Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան, ներածութիւն` Հայկ Աւագեան, գնահատանքի խօսք` Արմենակ Եղիայեան (182 էջ)

2019

Յաւելուած ԻԱ. Քիրազ. ընտրանի եգիպտական շրջանի երգիծանկարներու, հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (81 էջ)

Յաւելուած ԻԲ. Հայկ Աւագեան, Վահան Թէքէեանի յօդուածները Արեւ լրագիրին մէջ. հնարաւորութի՞ւն թէ դիմադրութիւն (124 էջ)

Յաւելուած ԻԳ. Հայկ Աւագեան, Արամ Խաչատրեանի ընկալումը եգիպտական շրջանակներու մէջ. փոխուող յարացոյցներ (250 էջ)

Յաւելուած ԻԴ. Վարան Ոյժ, Յակինթի պարտէզը (բանաստեղծութիւն), նախաբան` Հ. Աւագեան (52 էջ)

Յաւելուած ԻԵ. Եւգենեա Արիստակեան, Յուշեր գաղութահայ կեանքից, տեքստի կազմող, առաջաբանի եւ ծանօթագրութիւնների հեղինակ` Արծուի Բախչինեան, ներածութիւն` Հ. Աւագեան (264 էջ)

Յաւելուած ԻԶ. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ ազատագրական շարժման. դասախօսութիւններու շարք, հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (101 էջ)

407


Յաւելուած ԻԷ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Ա.- Կոմիտաս վարդապետ, Տարբերակներ դաշնակի ստեղծագործութիւններու, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւն` Հայկ Աւագեան (160 էջ)

Յաւելուած ԻԸ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Բ.- Հայկ Աւագեան, Կոմիտաս վարդապետի բաց ստեղծագործութիւն հասկացողութիւնը. տարբերակներ եւ ինքնատարբերակներ Կոմիտասի թեմայով (89 էջ) Յաւելուած ԻԹ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Գ.- Հայկ Աւագեան, Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի մշակութային ժառանգութիւնը եւ Կոմիտաս վարդապետի Մշոյ Շորորը (127 էջ)

Յաւելուած Լ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Դ.- Ձայնագրեալ Պատարագը Կոմիտաս վարդապետի սրբագրութեամբ (ըստ Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանի ինքնագիր նիւթերուն), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (348 էջ) 2020

Յաւելուած ԼԱ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Ա. հատոր, Ուսումնասիրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (370 էջ)

Յաւելուած ԼԲ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Բ. հատոր, Մատենագիտութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (141 էջ)

Յաւելուած ԼԳ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Գ. հատոր, Զանազան գրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (408 էջ)

408


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.