ՄԱՍԻՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԱՊԱՀ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԵՒ ՔՆՆԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԶԷՅԹՈՒՆԻ 1895Ի ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԵԾ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ Հրատարակութեան պատրաստեցին`
ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ եւ ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԴ. ԳԱՀԻՐԷ 2020
ՄԱՍԻՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԱՊԱՀ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԵՒ ՔՆՆԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԶԷՅԹՈՒՆԻ 1895Ի ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԵԾ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ Հրատարակութեան պատրաստեցին` ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ եւ ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԼԴ. ԳԱՀԻՐԷ 2020
Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան
Այս գիրքը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։
Ստանալու համար դիմել` tchahagir@journalist.com
Ա
ՆԱԽԱԲԱՆ շխատութիւնը նուիրուած է Զէյթունի հերոս, Հնչակեան եւ Ռամկավար գործիչ Աւետիս (Ապահ) Պետրոսեանի (1872, Արաբկիր – 1928, Գահիրէ) կենսագրութեան եւ գործունէութեան։ Հեղինակն է Ապահի անդրանիկ որդին` Մասիս Պետրոսեան (1903, Գահիրէ – 1957, Գահիրէ)։
ՁԵՌԱԳԻՐԸ
Ա. Վայր Աշխատութեան անտիպ ձեռագիրը ներկայիս կը գտնուի Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տիգրան Գէորգեանի (1936-2018) դիւանին մէջ։ Ինչպէս Երկեր երեք հատորով ժողովածուի Ա. հատորին մէջ նշած եմ, 2008-ին Գէորգեան Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ-ին կը նուիրէր իր հսկայ գրադարանը եւ անձնական դիւանը։ Այնտեղ կը գտնուէր Մասիս Պետրոսեանի ձեռագիրը եւ անոր մեքենագրութիւնը (գրամեքենայով) Գէորգեանի կողմէ, որոնք հիմք հանդիսացան ներկայ հրատարակութեան։ Բ. Բովանդակութիւն Ամբողջակա՞ն է արդեօք Պետրոսեանի ձեռագիրը։ Ա. Գլուխին կը նախորդէ հեղինակին «Բովանդակութիւն»-ը.
ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՏՈՐ 1. Յառաջաբան 2. Ձօն 3. Ներածական` հեղինակէն 4. Գլխաւոր աղբիւրներ Գլուխ Ա. – Արաբկիրի մէջ (Ա. մաս) (1872-1891) Արաբկիրի մէջ (Բ. մաս) (1891-1896) Գլուխ Բ. – Ամերիկայի մէջ (1892-1893)
3
سëÇë ä»ïñá뻳ÝÇ Ó»é³·ÇñÇÝ ³Ýáõ³Ý³Ã»ñÃÁ£
4
¾ç ÙÁ سëÇë ä»ïñá뻳ÝÇ Ó»é³·Çñ¿Ý£
5
Գլուխ Գ. – Կանխապատրաստութիւններ Կիլիկեան Ապստամբութեան (1894-1895) ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐ Զէյթունի 1895ի Ապստամբութիւնը Գլուխ Դ. – Ապստամբութեան խմորումը (Յուլիս-Սեպտեմբեր 1895) Գլուխ Ե. – Ապստամբութեան բռնկումը (Հոկտեմբեր 1895) Գլուխ Զ. – Ինքնավար Զէյթուն (Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1895) Գլուխ Է. – 45օրեայ պատերազմը (14 Դեկտեմբեր – 30 Յունուար 1896) Գլուխ Ը. – Ապստամբութեան զսպումը (Փետրուար 1895) ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐ Գլուխ Թ. – 1896-1915ի 20ամեայ շրջանը Գլուխ Ժ. – Եգիպտահայ անցուդարձեր (1916-1919) Գլուխ ԺԱ. – Կիլիկեան առաքելութիւն (Մայիս-Սեպտեմբեր 1920) Գլուխ ԺԲ. – Վերջին տարիները (1921-1928) 5. Յաւելուած ու կենսագրական նօթեր դէմքերու 6. Նիւթերու ցանկ 7. Զէյթուն եւ Շրջակայք 1895ին (մեծադիր քարտէս) Անկախ գլուխներու վերնագիրներէն` որոնք քիչ մը տարբեր կրնան ներկայանալ ձեռագիրին մէջ, կը պակսի «Յառաջաբան»-ը եւ վերջին Գլուխը` ԺԲ.։ Կորսուա՞ծ են, թէ չեն գրուած։ Դժուար է պատասխանել։ Գալով քարտէսներուն, «Ներածական»-ին մէջ Պետրոսեան կը մանրամասնէ. Զէյթունի դէպքերուն նկարագրութեանց, Գ. հատորի վերջաւորութեան կցած ենք` մեր կողմէ յատկապէս պատրաստուած` Զէյթունի եւ շրջակայից անզուգական մանրակրկիտ քարտէսը` 1895ի ռազմական դիրքերը ճշդող։ Բաց աստի, մեր կողմէ պատրաստուած եւ իրենց ուրոյն հատուածներուն մէջ զետեղած ենք ուրիշ 4 փոքր քարտէսներ հետեւեալ վայրերու. 1. Արաբկիր եւ Շրջակայք. 2. Սուէտիոյ գիւղօրայք. 3. Աքապայի ծոց. 4. Դաշտային Կիլիկիա (Մերսինէն` Տէօրթ Եօլ). Այս քարտէսներէն ոչ մէկը կը գտնուի ձեռագիրին մէջ։ Փոխարէնը կը գտնուի «Վիճակացոյց Զէյթունի 1895ի ապստամբութեան», զոր վերարտադրած եմ հատորի վերջաւորութեան։ «Ներածական»-ը կը տեղեկացնէ նաեւ` որ հեղինակը ցանկացած է պատկե-
6
րազարդել աշխատութիւնը. Իսկ գործի պատկերազարդումը, (ոմանք բոլորովին անտիպ եւ հազուագիւտ), կարգ մը վաւերագրերու արտագրութիւնը, ընտանեկան տոհմացոյցեր, եւն, կատարուած են բծախնդիր ընտրութեամբ մը` չխճողելու համար անոր բնագիրը։ Ասոնք եւս չեն յայտնաբերուած։ Ինչ որ ըլլայ պարագան, շնորհիւ Տիգրան Գէորգեանի, պահպանուած է ձեռագիրին մեծագոյն մասը։ Իսկ պակսող վերջին գլուխը չ’ազդեր իմաստային ամբողջականութեան վրայ։
Գ. Թուականը Ընդհանուր առմամբ, ձեռագիրը պէտք է գրուած ըլլայ 1928-1946-ի ընթացքին։ Ձեռագիրի անուանաթերթին վրայ յստակօրէն նշուած է վայր եւ թուական` Գահիրէ, 1936։ «Երկասիրողը (կենսագրական նօթեր)» գլուխին մէջ Պետրոսեան կը գրէ` թէ աշխատանքը ձեռնարկած է Ապահի մահէն (1928) անմիջապէս ետք. Իր [Մինաս Պետրոսեանի Հ.Ա.] սիրելի հօր [Ապահի, Հ.Ա.] կանխահաս վախճանումէն անմիջապէս վերջ, ձեռնարկած է պատրաստելու ներկայ ստուար հատորը` արդիւնք տքնաջան պրպտումներու։
Իսկ «Ներածական»-ին մէջ կը նշէ` որ այս աշխատութիւնը «մեզմէ խլեց ամբողջ տասնամեակ մը (1936-1946)»։ Պետրոսեան ձեռագիրը գրած է մելանով եւ ապա մատիտով կատարած բազմաթիւ սրբագրութիւններ եւ յաւելագրութիւններ։ Մելանագիր ինքնակենսագրութեան («Երկասիրողը (կենսագրական նօթեր)») մէջ յիշատակուած թուականները կը հասնին մինչեւ 1937։ Գալով մատիտով գրութիւններուն, այնտեղ յիշատակուած թուականները կը հասնին մինչեւ 1943։ Օրինակ, «Յաւելուած»-ին մէջ գտնուող Վեր. Մանասէ Փափազեանի կենսագրութիւնը` որ յաւելագրուած է մատիտով, կը կրէ իր մահուան թուականը` 1943։ Արդարեւ, ասիկա չի նշանակեր, որ բոլոր մելանով գրութիւնները նորացուած են։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ՄԵՔԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ինչպէս նշեցի, առկայ ձեռագիրը կը բովանդակէ` «Երկասիրողը (կենսագրական նօթեր)», «Ներածական», Ա.-ԺԱ. Գլուխներ, «Յաւելուած» եւ «Անձնական
7
¾ç ÙÁ îÇ·ñ³Ý ¶¿áñ·»³ÝÇ Ù»ù»Ý³·ñáõûݿݣ
8
յուշեր Աղասիէ»։ Գէորգեան գրամեքենայով մեքենագրած է` «Երկասիրողը (կենսագրական նօթեր)», «Ներածական», Ա.-Ժ. Գլուխներ եւ մէկ էջ մը ԺԱ. Գլուխէն։ Իր կողմէ թուագրուած մեքենագիր էջերուն թիւն է` 280։ Իւրաքանչիւր մեքենագրուած էջի վերի կողմը Գէորգեան նշած է մեքենագրութեան թուականը, որ կ’ընդգրկէ 25 Փետրուար 1998 – 20 Յունուար 1999 ժամանակաշրջանը։ Գրեթէ ամէնօրեայ աշխատանքէ ետք, դժուար է պատկերացնել` թէ ինչո՞ւ Գէորգեան չէ ամբողջացուցած ԺԱ. Գլուխը, չէ շարած «Յաւելւած»-ը եւ Աղասիին յուշերը։
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
Ինչպէս կ’երեւի բովանդակութենէն, Մասիս Պետրոսեան իր աշխատութիւնը բաժնած է երեք հատորներու։ Նկատի ունենալով, որ ներկայ հրատարակութիւնը հանդէս կու գայ մէկ հատորով, նպատակայարմար գտայ զանց առնել հատորներու հեղինակային բաժանումները։ Այսպէս վարուած է նաեւ Գէորգեան իր մեքենագրութեան մէջ։ «Գլխաւոր աղբիւրներ»-ը` զոր Պետրոսեան տեղադրած է ձեռագիրին սկիզբը, նախընտրեցի փոխադրել հատորի վերջաւորութեան։ Գէորգեան կատարած է կէտադրական եւ ոճական բազմաթիւ սրբագրութիւններ, փոխած է նաեւ ընդհանուր խորագիրը, զայն վերածելով` Ապահ Պետրոսեան. կեանքը` յեղափոխական-հասարակական գործունէութեան ընդմէջէն։ Ներկայ հրատարակութեան համար յարմար նկատեցի հետեւիլ Մասիս Պետրոսեանի բնագիրին, նոյնութեամբ պահպանելով նաեւ անոր կէտադրութիւնը։ Միջամտեցի միայն այն պարագային, երբ միեւնոյն բառը գործածուած է տարբեր ուղղագրութեամբ, օրինակ` «Պօլիս» եւ «Պոլիս», կամ «Պօսթըն», «Պոսթըն», «Պոսդըն», «Պոսթոն» եւ «Պոստոն»։ Այս բոլորը նախընտրեցի նոյնացնել։ Ինչպէս Գէորգեանը, «անգղիերէն»-ը վերածեցի «անգլիերէն»-ի։ Այլապէս, Գէորգեանի մեքենագրած էջերը անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերեցին բազմաթիւ վերծանումներու համար։ ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
9
ԵՐԿԱՍԻՐՈՂԸ
(կենսագրական նօթեր) *
Ա
Հա՜յր Անմոռաց յիշատակիդ կը ձօնեմ ներկայ երկասիրութիւնս Իբր խօսուն յուշարձան նուիրական հողակոյտիդ ՄԱՍԻՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
պահի անդրանիկ որդին` Մասիս ծնած է Գահիրէի մէջ, 1/13 Սեպտեմբեր 1903 Խաչվերացի Կիրակին։ Մկրտութեան անունն է Սեդրակ, որ դրուած է` ի յիշատակ իր վաղամեռիկ մօրեղբօր` Սեդրակ Գ. Եագուպեանի (1 Նոյեմբեր 1877 – 12 Փետրուար 1901)։ 1910ին սկսած է յաճախել տեղւոյն Մանիսալեան վարժարանը։ Հո՛ն է որ ստացած է իր նախակրթութիւնը, բոլորելով երկու տարեշրջան եւ մայրենի լեզուի քերականին հետ, ծանօթանալով ֆրանսերէն քերականին։ 1912ին իր ուսումը կը շարունակէ Գալուստեան ազգային Վարժարանը, ու վեց տարուան շրջանէ մը վերջ, 1918ին կ’աւարտէ զայն` ստանալով Նախակրթարանի վկայական։ Այնտեղ իրեն ուսուցիչ կ’ունենայ` ուսուցչապետ Յովհաննէս Սեթեան, Բրօֆ. Յովհաննէս Գայաեան, Ազարիկ Գոլոյեան, եւն։ Յետոյ կարճ ժամանակի մը համար կը յաճախէ` Լատին կրօնաւորներու տեսչութեան տակ գտնուող, Գահիրէի Collège de la Salleը, սակայն նոյն տարին հիւանդանալով, կ’ընդմիջէ իր ուսումը եւ պահ մը կը հետեւի Berlitz Schoolի անգլիերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու գիշերային դասընթացքներուն։ 1919ի Հոկտեմբերին կը մտնէ Աղեքսանդրիոյ Victoria Collegeը, եւ երեք տարիէն կը բոլորէ` երկրորդական վարժարանի շրջանը, ստանալով այդ առթիւ վարժարանի աւարտական վկայականը, հո՛ն կը տիրանայ անգլիերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն։ Աղեքսանդրիա իր ուսանողութեան շրջանին, անդամակցած է Victoria Collegeի հետազօտիչներու անգլիական կազմակերպութեան, ուր այլազան մրցումներու եւ բանակումներու մէջ յաճախ խլած է առաջնութիւն եւ արժանացած խմբապետի աստիճանին եւ Սբօրի ախոյեանութեան։ * Մասիս Պետրոսեանի ինքնակենսագրութիւնը կանգ կ’առնէ 1937 թուականի յիշատակութեամբ։ Ան մահացած է 1957 Յունուար 22-ին, Գահիրէ։ Հ.Ա.
10
1922ին, Գահիրէ բնակող երկրաչափ Գէորգ Ասատուրի ձեռքին տակ, քիչ մը ատեն կը մշակէ գործնական ճարտարագիտութիւն (ingénieur-architecte), միեւնոյն ատեն այդ ճիւղին մէջ հետեւելով նաեւ Լօնտոնի International Correspondence Schoolsի թղթակցական դասերուն։ Դժբաղդաբար ընտանեկան հարկեցուցիչ պատճառներու բերմամբ չի կրնար շարունակել այդ մասնագիտութիւնը, (որուն մէջ սակայն ունէր բնածին յատկութիւն), եւ 1923ին Առաքել բաշա Նուպարի (այն ատեն պէյ) մասնաւոր յանձնարարութեամբ կը մտնէ Հելիոպոլսոյ Ընկերութեան մէջ, փոխ-արկղակալի (aide-caissier) պաշտօնով։ 1926ին, պաշտօնի փոխանցում մը կ’ունենայ, որուն հետեւանքով դարձեալ իր հայազգի հզօր պաշտպանին շնորհիւ կ’անցնի Գահիրէի Ջուրի ընկերութեան հաշուակալութեան դիւանը։ 1928ին, իր հօր մահուան վաղորդայնին, կառավարական գործերու հաշւեյարդարութեան համար, կարգուած է խնամակալ` իր անչափահաս երեք եղբայրներուն եւ չորս քոյրերուն, եւ եղած` իր այրիացած բազմանդամ ընտանիքին գլխաւոր նեցուկը։ ***
Մասիս Պետրոսեան կանուխէն մասնաւոր հակում մը ունեցած է դէպի գրականութիւնը, եւ զայն օգտագործած է իբրեւ մտաւորամաքուր ժամանց կամ զբօսանք, իր պարապոյ ժամերուն առիթներ ստեղծելով թէ՛ ինքնազարգացման եւ թէ ազգային շրջանակներու մէջ իր աշխատակցութեան համար բաժինը բերելու։ Իր գրական նախափորձերը ըրած է արձակ եւ ոտանաւոր գրուածքներով ու թարգմանութիւններով, որոնցմէ ոմանք հրատարակուած են։ Պզտիկ տարիքէն մասնակցած է երիտասարդական եւ մշակութային միութիւններու։ Ան իր ուսանողական շրջանը աւարտելէ ետքն ալ, շնորհիւ իր կազմած ճոխ մատենադարանին եւ ուսման տենչին, ինքնօգնութեամբ, ջանացած է զարկ տալ իր լեզուագիտութեան եւ հմտանալ` պատմական, բանասիրական եւ այլ գրական ճիւղերու մէջ։ 1924ին, քանի մը համախոհներով, հիմնած է Աղեքսանդրիոյ Հայ Ուսանողական Միութեան Գահիրէի հատուածը, որուն շուրջ բոլորուած են ուսումնատենչ հայ երիտասարդներ եւ ուսանողներ։ Միութիւնը բոլորած է երեք տարուան բեղմնալից շրջան մը, հրատարակելով Միութեան Մասիս պարբերաթերթը, նախ Աղեքսանդրիա եւ Գահիրէ։ 1928ին անդամակցած է Արաբկիրի Հայրենակցական Միութեան Գահիրէի մասնաճիւղին, ուր գրեթէ առանց ընդհատումի, ամբողջ տասնամեակ մը ստանձնած է գործօն դերեր։ 1929էն 1931 ամբողջ երկու տարի եղած է Հ.Բ.Ը.Միութեան Գահիրէի Մասնաժողովին ատենադպիրը։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանի՛ն է որ Գահիրէի մէջ մեծ շուքով տօնուած է Միութեան Արծաթեայ Յոբելեանի հանդիսութիւնը։
11
1930էն մինչեւ 1933, չորս տարի անդամակցած է Գալուստեան Ազգային Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան, վարչական պաշտօններ ստանձնելով։ Մասնակցած է յիշեալ Միութեան կազմակերպած 1930ի նորավէպի գրական մրցումին, եւ իր ձեռագիրը` Նեղոսի զոհը արժանացած է` սահմանուած 200 Ե.Դ.ի մրցանակին։ Շրջանաւարտից Միութեան մէջ, Մասիս յայտնուած է` զանազան պարագաներու առթիւ հանրութենէն գնահատուած իր ուղերձներով եւ հրապարակախօսութեան յատկութիւնով։ Կարգուած է Շրջանաւարտից Միութեան Արմաւենի անուն տարեգրքի յանձնախումբի անդամ։ Այդ հրատարակութեան մէջ գրած է` Գահիրէի ամենահին կրթական յարկին` Գալուստեան Ազգային Վարժարանի հարիւրամեայ պատմութիւնը։ Միջոց մը եղած է նաեւ Գահիրէի Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան մէջ, ուր բերած է իր աշխատակցութեան բաժինը ու բեմ ելած։ Իր թարգմանածոյ գրութիւններն ու յօդուածները երեւցած են Գահիրէի Արեւին, Աղեքսանդրիոյ Մասիսին եւ այլ թերթերու մէջ։ 1930ին, Գահիրէի Սահակ-Մեսրոպ Տպարանը իր կողմէ լոյս ընծայած է` Շրջանաւարտից Միութեան գրական մրցանակի արժանացած իր ձեռագիրը` Նեղոսի զոհը նորավէպը, եգիպտահայ կեանքէ առնուած։ 1937ին, Արաբկիրի Հայրենակցական Միութեան կողմէ հրատարակուած է` Հայաստանի նորակառոյց աւաններէն Նոր Արաբկիրի շուրջ իր պատրաստած պատմական եւ վիճակագրական տեսութիւնը Նոր Արաբկիր անունով (պատկերազարդ եւ քարտիսաւոր)։ Մասիս, այդ առթիւ, իր պատրաստած ձեռագիրը հայրենակցականին ձօնած ըլլալով, գրքոյկներէն գոյացած հասոյթը եւս յատկացուցած է յօգուտ Միութեան վերաշինական նպատակներուն։ Այդ առթիւ պատրաստած է նաեւ Նոր Արաբկիրի համար Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յատկացուած հողամասին մեծադիր քարտէսը։ 1929ին ուղեւորած է Եւրոպա, ու այցելած Մարսիլիա, Բարիզ եւն։ Քանիցս ուղեւորած է նաեւ Սուրիա եւ Պաղեստին, որոնցմէ գրի առած է ուղեւորի տպաւորութիւններ։ 1934ին, ամուսնացած է` Ռոտոսթոյի ծանօթ ընտանիքներէն` Տէր եւ Տիկին Ռուբէն Օվանովիչի (Ճիզմէճեան) դուստր` Օր. Նելլիի հետ, որ իրեն նման, նախակրթութիւնը ստացած է Գահիրէի Գալուստեան Վարժարանին մէջ ու շրջանաւարտած։ 1936ին պատրաստած է` Զէյթունի եւ շրջակայքի մանրակրկիտ մեծադիր քարտէսը` կցուելու համար ներկայ հատորին, ինչպէս նաեւ իր ծնողաց` Գմգմեան, Եագուպեան եւ Բարունակեան Գերդաստաններու 150 տարուան ընդարձակ տոհմացոյցերը։ Գրած է նոյնպէս իր մօրենական Եագուպեան Գերդաստանին նախահայր Եաղուպ Ամիրային (1672-1752) կենսագրութիւնը, որ հրատարակուած է Վահան Զարդարեանի Յիշատակարանին մէջ (Գահիրէ 1933 թիւ 22)։ Իր սիրելի հօր կանխահաս վախճանումէն անմիջապէս վերջ,
12
ձեռնարկած է պատրաստելու ներկայ ստուար հատորը` արդիւնք տքնաջան պրպտումներու։ 1932ին անդամակցած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, յաջորդելով իր հանգուցեալ հօր։ 1933ին, քանի մը ընկերներով, կազմած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Մասիս երիտասարդաց միութիւնը` Գահիրէի Ակումբին կողքին։ Մասիս, ունի նաեւ Գահիրէ եւ իր պատմական անցեալը անուն անտիպ ընդարձակ երկասիրութիւն մը, ուրիշ անտիպ ձեռագիրներու եւ ուղերձներու հաւաքածոյ մը` Գրչի զբօսանք անուան տակ։ Ունի թատերական երկեր, ինչպէս` Հանճարեղ որոշում մը մէկ արարնոց կատակերգութիւնը որ առաջին անգամ ներկայացուած է Գահիրէի մէջ` 1933ին։
13
Հ
ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ եղինակը իր փոքր տարիքէն բուռն փափաք մը ունեցած է իր հանգուցեալ հօր կեանքով հետաքրքրուելու։ Ու միշտ հեքեաթային թովչութիւն մը գտած է` անոր բոլորած փոթորկոտ պատանեկութեան եւ հազուադիպօրէն արկածալից երիտասարդութեան դրուագներուն մէջ։ Եւ այս տպաւորութիւնը ո՛չ միայն ծնողասիրական զգացումէ տարուելով ունեցած է, այլ եւ այդ դրուագներուն զգեցած հայրենասիրական բնոյթէն։ Տարիներու հոլովոյթով, իր մանկունակ երեւակայութիւնը տեղի տալով դատողութեան տարիքին եւ չափահասութեան, կրցած է աւելի յստակ կերպով զատորոշել` այլեւս պատմական կարեւորութիւն ունեցող այդ դէպքերը եւ իրենց իրական արժէքները։ Հարկ էր ճիգ մը կատարել` այդ յիշատակները կորուստէ փրկելու համար։ Ապահ իր ողջութեան, քանիցս ունեցած էր գաղափարը իր իսկ ձեռքով թուղթին յանձնելու` ժամանակակից ազգային իրադարձութեանց հարազատ արձանագրութիւնները, անոնց կցելով անշուշտ իր անձնական յուշերը։ Քաղաքական պատճառներու, ընտանեկան հոգերու եւ ստանձնած ազգային զանազան պաշտօններու բերմամբ, հազիւ կրցած է իր ծրագրին մէկ փոքր ու խտացած մասը միայն իրագործել` Հայ արծիւներու բոյնըին եւ ուրիշ մի քանի լրագրական յօդուածներու հրատարակութեամբ։ Իր փափաքն էր ինչպէս ըսինք, ճշգրիտ մէկ պատկերացումը կատարել ազգային ա՛յն իրադարձութեանց` որոնց ինք մասնակից եղած էր. այդ կերպո՛վ պիտի կրնար ապագայ պատմութեան հայթայթել նիւթեր ու երեւան հանել` զանազան հրատարակութեանց մէջ գտնուող շատ մը անճշտութիւնները, մոռացումները եւն։ ***
Իր մահուան վաղորդայնին, ամէն կողմէ յայտնուած փափաքներուն ընդառաջ երթալով, ձեռնարկեցինք ներկայ հատորի պատրաստութեան։ Այդ նպատակին հասնելու համար հարկ էր հաւաքել նախ իրմէ մնացած բերանացի թէ գրաւոր, տպեալ թէ անտիպ յուշերը։ Հարկ էր նաեւ ձեռքի տակ ունենալ զանազան աղբիւրներ, հայ թէ օտար հրատարակութիւններ իր անձին թէ գործին նկատմամբ։ Ինչպէս կը տեսնուի, ձեռնարկը որուն միջամուխ կ’ըլլայինք, վեր էր մեր
14
կարողութենէն, ու կը պահանջէր համբերատար աշխատութիւն, սակայն հանգուցելոյն յիշատակին յարգանքը եւ անկատար թողած մէկ փափաքը մեզի համար նուիրական էին։ Միւս կողմէ նկատած էինք որ պարտականութիւն կը ծանրանար մեր վրայ, իրագործելու այդ փափաքը, քանի որ մեր տրամադրութեան տակ ունէինք` Ապահի անձին հետ կապ ունեցող շատ մը վաւերագրեր, եւն։ Հետեւաբար ներկայ հատորով հանրութեան սեփականութիւնը կը դարձնենք զանոնք։ Մեր ներկայ աշխատասիրութեան պատրաստութեան մէջ, գլխաւորապէս օգտուած ենք. Ա. Ապահի 40 տարուան թղթակցութեանց եւ նամակագրութեանց հաւաքածոներէն. Բ. Ապահի Հայ արծիւներու բոյնը գրքոյկէն. Գ. Ապահի պատրաստած զանազան տեղեկագրերէն եւ հրատարակած լրագրական յօդուածներէն. Դ. Ապահի անտիպ յուշերէն. Ե. Իր մասին գրուած զանազան ուսումնասիրութիւններէն, եւն, եւն, որոնց մէկ խտացեալ ցանկը կ’երեւի գրոյս վերջաւորութեան։ ***
Այս ուսումնասիրութիւնը բաժնուած է երեք հատորներու, որոնք բաժնուած են տասներկու գլուխներու. Ա. հատորը կը պարունակէ` 1872-1891ի շրջանը. այսինքն Ապահի ծնունդէն մինչեւ իր չափահասութիւնը, նախ քան Զէյթունի Ապստամբութիւնը (մինչեւ հանրային գործերու իր նուիրուիլը)։ Բ. հատորը կը պարունակէ` Զէյթունի 1895ի Ապստամբութեան լիակատար պատմութիւնը։ Նկատի ունենալով որ Ապահի գործունէութեան ամէնէն ուժեղ շրջանը սերտօրէն առնչութիւն ունեցած է Զէյթունի այդ Շարժման հետ, լայն տեղ տուած ենք այդ դէպքերու նկարագրութեանց, եւ աննախընթաց քննական վերլուծումով մը ներկայացուցած ենք զայն իր կարեւորագոյն գծերուն մէջ։ Գ. հատորը կը պարունակէ` 1896-1928ի շրջանը, այսինքն Ապահի յետԶէյթունի Ապստամբութեան գործունէութիւնը, մինչեւ իր մահը։ Ուրեմն, ներկայացնելով Ապահի կենսագրութիւնը, ներկայացուցած կ’ըլլանք նաեւ. 1. 1880-ական թուականներու Արաբկիրի ազգային կեանքը. 2. 1890-ական թուականներու ամերիկահայ կեանքը, առընթեր Ապահի գործունէութեան. 3. 1895ի Զէյթունի Ապստամբութիւնը. 4. Հնչակեան Կուսակցութեան Լոնտոնի հերձուածը.
15
5. Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան գործունէութիւնը. 6. Հ. Բ. Ը. Միութեան կազմութիւնը. 7. Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը. 8. Նախապատերազմեան (1914-1918) եւ յետ-պատերազմեան եգիպտահայ կեանքի կարեւոր անցքերը. 9. Եգիպտահայ Ազգային Միութեան Աքապայի Առաքելութիւնը. 10. Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան Կիլիկեան Առաքելութիւնը, եւն, եւն։ Ինչպէս կը տեսնուի վերոյիշեալ նիւթերէն, ներկայ գործը կ’ընդգրկէ վերջին կէս դարու ազգային անցուդարձերու որոշ շրջան մը, որ ամէնէն աւելի փոթորկալից եւ ճակատագրական դարձակէտ մը եղաւ մեր իրականութեան մէջ։ Այդ իրականութիւնը ճանչցաւ շատ մը գործիչներ, որոնցմէ Ապահ` ունեցաւ իր ուրոյն դերը եւ տեղը, եթէ ո՛չ արդիւնալից, գէթ նշանակալից ու բերա՛ւ իր համեստ բաժինը թէ՛ մեր ազատագրական պայքարին` իբրեւ պարտաճանաշ գինուոր, գործելով երկրէն ներս, եւ թէ՛ զանազան կազմակերպութեանց եւ ձեռնարկներուն` իբրեւ ժողովական կամ պատուիրակ` գաղութահայութեան մէջ։ Իր լրումին հասցնելու համար այս ուսումնասիրութիւնը, գրքի վերջաւորութեան զետեղած ենք Յաւելուած մը` Ապահի կեանքին ու գործին հետ առնչութիւն ունեցող, հայ թէ՛ օտար շուրջ 30 անձանց կենսագրական հակիրճ նօթերու, որոնց մասին կան ակնարկութիւններ գործի բնագրին մէջ։ Այդ նօթերը, բաւական դժուարութեամբ հայթայթուած, կուտան լրացուցիչ ծանօթութիւններ` հատորիս շօշափած նիւթերուն շուրջ, եւ կը կազմեն նօթերու շահեկան հաւաքածոյ մը` ժամանակակից ծանօթ դէմքերու։ Դարձեալ իբր նկատելի առաւելութիւն, եւ դիւրութեամբ կարենալ հետեւելու համար` Զէյթունի դէպքերուն նկարագրութեանց, Գ. հատորի վերջաւորութեան կցած ենք` մեր կողմէ յատկապէս պատրաստուած` Զէյթունի եւ շրջակայից անզուգական մանրակրկիտ քարտէսը` 1895ի ռազմական դիրքերը ճշդող։ Բաց աստի, մեր կողմէ պատրաստուած եւ իրենց ուրոյն հատուածներուն մէջ զետեղած ենք ուրիշ 4 փոքր քարտէսներ հետեւեալ վայրերու. 1. Արաբկիր եւ Շրջակայք. 2. Սուէտիոյ գիւղօրայք. 3. Աքապայի ծոց. 4. Դաշտային Կիլիկիա (Մերսինէն` Տէօրթ Եօլ). Իսկ գործի պատկերազարդումը, (ոմանք բոլորովին անտիպ եւ հազուագիւտ), կարգ մը վաւերագրերու արտագրութիւնը, ընտանեկան տոհմացոյցեր, եւն, կատարուած են բծախնդիր ընտրութեամբ մը` չխճողելու համար անոր բնագիրը։ ***
16
Հո՛ն ուրկէ անցած է Ապահ, իր ետին թողած է հետք մը, անուն մը, կամ գործ մը, հետեւաբար, այս գրքին մէջ խօսուն յիշատակներ, մոռցուած եւ կորսուած դէմքեր ու դէպքեր պիտի գտնեն հաւասարապէս` Արաբկիրցի՛ն ու Սուէտիացի՛ն, Հաճընցի՛ն ու Զէյթունցի՛ն. Կիպրահա՛յը, Ամերիկահա՛յը թէ՛ Եգիպտահայը...։ Նոյնքան շահեկանութեամբ պիտի հետեւին` ա՛յն դէպքերու նկարագրութեանց, որոնց մէջ Հնչակեա՛նն ու Վերակազմեա՛լը, Ռամկավա՛րն ու Ազատակա՛նը դերեր ունեցած են։ Մէկ խօսքով, Ապահի ծանօթները, մտերիմները, գաղափարակից ընկերները, հին թէ՛ նոր, եւ անո՛նք որ պիտի ճանչնան զինք այսուհետեւ այս գործին մէջէն, հոս պիտի գտնեն անցեալ օրերու վերյուշումներ, արձանագրութիւններ, վաւերագրեր, եւն, որոնք թերեւս կորսուէին իսպառ, գուցէ մոռացութեան կամ խեղաթիւրումներու ենթարկուէին...։ Ահա՛, ինչ որ ջանացինք կատարել այս գործով։ ***
Հակառակ մեր բոլոր բարիկամեցողութեան եւ թափած ջանքերուն, եթէ գործիս մէջ սպրդած են պատմական թէ այլ սխալներ, կամ մեր ուշադրութենէն վրիպելով եղած են ցաւալի մոռացումներ, կը խնդրենք հանրութենէն ներողամիտ ոգիով վերաբերուիլ. զի գրուած պատմութիւնը կը պատկանի շրջանի մը, ուր ամէնէն աւելի զգալի է հարազատ արձանագրութեանց կամ լաւ եւս է ըսել` վաւերաթուղթին պակասը։ Ուրիշ խօսքով ըսել կ’ուզենք թէ ա՛յն որ պիտի փորձէր գրել մել յեղափոխութեան պատմութիւնը, իր առջեւ պիտի գտնէր ձախողած գործի մը տխուր մնացորդները կամ բեկորները. այսինքն գաղտնաբար կատարուած արարքներու ապացոյցներու չգոյութիւնը, կամ այդ արարքներու վաւերագրերուն` գիտակցաբար կամ ո՛չ, փճացուած ըլլալը. կազմուած կուսակցութեանց գաղափարաբանական շլացիկ ճառեր, կուսակցականի ակնոցով փոքրիկ դէպքերու տրուած մեծ կարեւորութիւններ կամ չափազանցուած արձանագրութիւններ, կուսակցական կողմնակալութեամբ եւ ինքնարդարացումի համար միայն գրուած` յեղափոխական-ֆէտայեական «յուշեր», մին միւսը վարկաբեկող եղբայրադաւ ակնարկութիւններ. վերջապէս, խայտաբղէտ խառնիճաղանճութիւն մը, ուր զիրար կը հրմշտկեն թուականները, դերակատարները, ամբոխը...։ Չենք խօսիր օտար աղբիւրներու մասին, որոնցմէ ոմանք վայրկեանի ազդեցութեան, ոմանք կաշառքով եւ ուրիշներ` հայանպաստ բրօբականտին ծառայելու մտօք եղած հրատարակութիւններ են։ Կը յուսանք այս «անել»էն կրցինք ճակատաբաց դուրս գալ, համբերատար ու մեթոտիկ աշխատանքով, որ մեզմէ խլեց ամբողջ տասնամեակ մը (1936-1946)։ Արդարեւ, անհատի մը կենսագրութիւնը ոչ թէ հոյլ մը թուականներու եւ
17
ծանօթութիւններու մէջ կը կայանայ, այլ մանաւանդ լուսաբանութեանը մէջ ա՛յն ձգտումներուն եւ շարժառիթներուն, որոնք կը յատկանշեն այդ անհատի ապրած ժամանակն ու միջավայրը։ Այսպէս, ուրեմն, Ապահ Պետրոսեանի կենսագրութիւնը, որ չի բաղկանար միայն հոյլ մը թուականներէ եւ ծանօթութիւններէ, այլ կուտայ լուսաբանութիւններ եւ ապրուած ազգային իրավէպի մը տպաւորութիւնը կը գործէ, շնորհիւ անոր կցուած` «Զէյթունի 1895ի մեծ Ապստամբութեան պատմութեան», կրնայ այսուհետեւ իբր ատաղձ ծառայել` մեր յեղափոխութեան պատմութիւնը գրողներուն համար. բա՛ւ է որ այս գիրքը կարենայ մեր ներկայ ու մանաւանդ գալիք սերունդներուն հարազատօրէն ծանօթացնել ազգին հանդէպ իր պարտականութիւնը միայն կատարած ու անոր ազատագրութեանը համար պայքարած «Ապահ»-ը, իր իսկութեամբ եւ իր ապրած ժամանակով...։ ՄԱՍԻՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Գահիրէ
18
ԳԼՈՒԽ Ա. ԱՐԱԲԿԻՐԻ ՄԷՋ 1 Ողջո՜յն ձեզ, կեանքիս անդրանիկ յուշեր, Որբացած հոգիս ողջունում է ձեզ, Թըռչուն կարօտով փընտրում ձոր ու լեռ, Դիւթական ձայնով կանչում է հանդէս։
Դո՛ւրս եկէք կըրկին շիրմից, խաւարից, Դո՛ւրս եկեք տեսնեմ, շօշափեմ, լըսեմ. Կեանքով շընչեցէ՜ք, ապրեցէք նորից, Լըցրէք պօէտի հաճոյքը վըսեմ...։ ՅՈվՀԱՆՆէՍ ԹՈւՄԱՆԵԱՆ
Ա
Ա. ՄԱՍ 1872-1891
Ծննդավայրը րաբկիր, Հայաստանի քաղաքներուն մէջ ճանչցուած է իբր կուլտուրական կեդրոն` հանդարտակեաց եւ ժուժկալ բնակչութեան մը, որ չէ՛ ունեցած ընդհարումներ դրացի ցեղերու հետ, ո՛չ ալ արձանագրած պատմական անցեալ մը, կամ ծնունդ տուած ականաւոր դէմքերու։ 1880ական թուականներու յեղափոխական կուսակցութեանց խմորումներու շրջանի՛ն է որ կը սկսին ծայր տալ խլրտումները այս աւանին մէջ եւս, ուր կովկասահայ յեղափոխական գործիչներու ներկայութեան, յառաջ կուգայ` այդ «հանդարտակեաց» բնակչութենէն բոլորովին նոր սերունդ մը, կրակոտ ու ազատատենչ երիտասարդութիւն մը, որ եթէ երբեք չի կրնար օգտուիլ` ինքնապաշտպանութեան համար Արաբկիրու անյարմար դիրքէն, գոնէ հոն կաղապարուող սերունդը, ցրուելով Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան տարբեր ճակատներու վրայ, պատճառ կ’ըլլայ որ այդ զաւակաց շնորհիւ, Արաբկիր եւս իր ուրոյն տեղը ունենայ հայ սրտերու մէջ։
19
Ապահ, ըլլալով մին Արաբկիրու այդ զաւակներէն, ընթերցողին ծանօթացնենք նախ միջավայրը, ուր առաջին անգամ իր աչքերը բացաւ պատմութեանս հերոսը։ ***
Արաբկիր կը գտնուի Երկրորդ կամ Փոքր Հայքի Անդիտաւրոսեան սարալանջին վրայ, Եփրատի արեւմտակողմը, անկէ 25 քիլօմ. հեռու, ծովէն շուրջ 1800 մեթր բարձր, Տրապիզոն-Իսկէնտերուն գծի ճիշդ մէջտեղը։ Արաբկիր գաւառակին սահմաններն են. հիւսիսէն եւ հարաւէն` Ակնայ ու Քէպան-Մատէնի գաւառակները, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն` Տէրսիմի եւ Սվազի գաւառները։ Արաբկիր` Խարբերդէն (որուն ենթակայ է)` 75, Մալաթիայէն` 55, եւ Ակնէն 30 քիլօմեթր հեռաւորութիւն ունի։ Քաղաքին ենթակայ են 68 գիւղեր, որոնցմէ 15ը հայաբնակ. Ամպրկայ, Շէփիկ, Ծագ, Մաշկերտ, Անջրդի, Խոռոչ, Սաղմկայ, Էհնեցիք, Վանք, Կռանի, Վաղշէն, Հացկնի, Աղըն, Ծապլվար, Քուշնայ։ Ասոնք, բացի առաջինէն, կը գտնուին Արաբկիրի հիւսիս-արեւելքը, ցրուած` Ոսկեգետակին, Անկոյ վտակին, ու Գարասուի միջեւ, եւ կ’անուանուէին օվայի գիւղեր, հակառակ անոր որ այդ մասը լեռնային է։ Հին քաղաքը, զոր տեղացի հայերը Անդի քաղաք եւ թուրքերը Էսկի Շէհիր կ’անուանեն, եւ որ իր փառաւոր աւերակներովը հազիւ թէ գիւղ մը կը ներկայացնէ, կը գտնուի Արաբկիրէն քառորդ ժամ հեռու, 3 քլմ. հիւսիս-արեւմուտք։ 1800ական թուականներէն վերջն է, որ հայերը կուգան հաստատուիլ այժմեան քաղաքը, որ կառուցուած է Էսկի Շէհիրին մօտ կամ անոր աւերակներուն վրայ։ Ըստ յայտնի պատմաբաններու նորագոյն հետախուզութեանց, Արաբկիրի այդ հին քաղաքի անունը եղած է Երապոլիս կամ Հիքրոպոլիս, որ բիւզանդական ամրակուռ քաղաք մըն էր (մին` կայսրութեան 3 Երապոլիսներէն), հաստ եւ անմատչելի պարիսպներով շրջապատուած։ Արաբկիրի այսօրուան դիրքը կը համապատասխանէ նաեւ հռոմէական կայսրութեան օրով, Հայաստանի Dascusa քաղաքին։ Արաբական տիրապետութեան շրջանին, Արծրունի Սենեքերիմ թագաւորին օրով (1000 թուականին Ք.Վ.), Անիէն խոյս տուող հայ գաղթականներ կուգան հիմնել Արաբակերտը, որ ժամանակի ընթացքին կը փոխուի Արաբկիրի։ Քաղա՞քը։ Ան իր ձեւովն շատ կը նմանի Բաղէշի, անոր պէս շինուած ըլլալով մահիկաձեւ երեք ձորերու մէջ, բլրաձեւ դարեւանդներու վրայ, կեդրոնը աւելի լայննալով, իսկ արեւելեան մասը դարձեալ նեղնալով` մինչեւ Պէրէնկէ թաղը։ Այս տեսակէտով ան ժեռուտ զառիվարներ (դարվար) եւ զառիվերներ (դարվեր) շատ ունի, թէպէտ ուղիղ եւ երկար ճանապարհներ ալ շատ կան։ Հապա թաղե՞րը։ Արաբկիր ունէր վեց գլխաւոր թաղեր2. Սըրակեավուր կամ
20
Շահրօզ թաղ` արեւելեան կողմը. Քէշիշլէրի թաղ` հիւսիս-արեւելք. Սուփ Գիվերք (Ս. Գէորգ) թաղ` հիւսիս-արեւմուտք. Սուփ Նշան (Ս. Նշան) թաղ` հարաւ-արեւմուտք. Չարշուին (Մեծ Շուկայ) թաղը` դէպի կեդրոնական մաս եւ հարաւ-արեւմուտք. ու վերջապէս Ժամուն (Մայր Եկեղեցի) կամ Պզտի Չարշուին թաղը կը գտնուէր քաղաքին կեդրոնական մասին մէջ։ Այս թաղերն ալ ունէին զանազան ստորաբաժանումներ, որոնք իրենց յորջորջումը ստացած էին այդ թաղերու հարուստներէն, կամ միեւնոյն արհեստը ի գործ դնող եւ համախումբ ապրող արհեստաւորներէն, ինչպէս` Պէրէնկէ, Տէրպէտէր, Տէմիրճիլէր, Ղազանճիլէր, Եկաւեան, Մալումեան, Քէօսէեան, եւն։ Ջրարբի քաղաք է Արաբկիր։ Փոքրիկ եւ վայրենի գետ մը (Պուլանըգ տէրէ) զայն կը բաժնէ երկու մասերու, որոնք իրարու կը հաղորդակցին 5-6 քարաշէն եւ մի քանի փայտաշէն գեղեցիկ կամուրջներով։ Ժամուն կամուրջը կը գտնուէր պզտիկ շուկային մօտ, Մայր Եկեղեցւոյ արեւմտեան ստորոտը, Տ. Եզնիկ Եպս. Ապահունիի օրով կառուցուած համանուն ջրաղացքին կից։ Դէպի գետն ի վեր, «պէնտ»-ին վրայէն, (որուն ներքեւէն կ’անցնէր ջրաղացքին ջուրը), կը գտնուէր Պաղտոյին կամուրջը` շինուած Տէրպէտէրեանի կողմէ։ Աւելի վերերը կային նաեւ Տապաս աղբիւրի, Ուլու փուղարի եւ Բաղդիկլէրի կամուրջները։ Քէշիշլէրի գետակին վրայ էր Էլէքճի Քէօփրիւսին։ Արաբկիրի գլխաւոր գետակէն զատ, որ կ’երթայ Անդի չայը կամ Անկոյ վտակը կը թափի3, կան նաեւ մեծ ու փոքր բայց նուազ կարեւոր ջրի հոսանքներ` գլխաւոր գետակին երկու եզերքներուն վրայ, երկու առուներ (Ագ փունար եւ Քէշիշլէր) պարտէզներն ու այգիները ջրելու, առուակներ, աղբիւրներ (Դող աղբիւր, Կաթնաղբիւր, Տապաս աղբիւր, Խալիլ չավուշի աղբիւր), աղբերակներ, ակեր եւն որոնք քաղաքին ամէն կողմերէն կը հոսին տալով Արաբկիրի գեղածիծաղ տեսարան ու ճոխ բուսականութիւն։ Հրաբխային երկիր ըլլալուն, Արաբկիր յատուկ աւազանման սեւ հող մը ունի, արդիւնք ժայթքած լաւաներու։ Հակառակ ասոր, հողը խիստ բարեբեր է, ու բազմաթիւ թթենիներ եւ այլ մրգերու ծառատունկեր կը զարդարեն քաղաքը։ ***
1870ական թուականներուն, Արաբկիր ունէր աւելի քան 35,000 բնակչութիւն, որուն մօտ 20,000ը հայ, իսկ մնացեալը մահմետական ցեղեր էին (թուրք, գըզըլպաշ, քիւրտ)։ Քաղաքի բնակչութիւնը թէեւ այդքան էր, բայց անոր համայնապատկերը ատկէ շատ աւելին ենթադրել կուտար, քանի որ քաղաքին տուները ցրուած եւ շրջապատուած էին ընդարձակ պարտէզներով։ Արաբկիրի հայերը ունէին 3 թաղային եկեղեցիներ` Ս. Լուսաւորիչ, Ս. Յակոբ, եւ Ս. Նշան. իսկ Մայր Եկեղեցին` Ս. Աստուածածին անունով, կը գտնուէր
21
քաղաքին ճիշդ կեդրոնը, Պուլանըգ գետակին ձախ եզերքին վրայ։ Կար նաեւ Ս. Գէորգայ անունով փոքրիկ մատուռ մը` քաղաքին արեւմտեան ծայրամասը, բլրակի մը վերեւ։ Իւրաքանչիւր թաղային եկեղեցի իր մօտ ունէր թաղային դպրոց մը կամ ծաղկոց մը։ Մայր Եկեղեցւոյ կողքին կը գտնուէր Ս. Թարգմանչաց Ուսումնարանը, որ ժամանակին իր ծաղկեալ դրութեամբ, տեսակ մը վարժապետանոց կարող էր համարուիլ, ո՛չ միայն Արաբկիրի ամբողջ գաւառին, այլ նաեւ շրջակայքը գտնուող մեծ ու փոքր քաղաքներու համար։ Անոր ներքեւի յարկը յատկացուած էր աղջկանց Զարուհեան Վարժարանին։ Ուսումնարանէն քարընկեց մը անդին կը գտնուէր Սաղաթիէլեան Մայր Վարժարանի (Մար Վարժարան) ընդարձակ շէնքը, որու մէջ երբեմն 500 աշակերտներ կը յաճախէին։ Այս եկեղեցապատկան վարժարաններէն զատ կային նաեւ թաղային միջնակարգ դպրոցներ, ինչպէս Ս. Նշան, Եկաւեան, Տէրպէտէրեան, Շահրօզ թաղերունը (այս վերջինը հիմնուած` Պօղոս Կարապետեանի կողմէ), Փոքր Շուկայինը եւն, զորս հիմնած էին քիչ շատ զարգացած կամ ունեւոր անհատներ։ Այդ դպրոցներուն թւոյն պէտք է աւելցնել` կաթողիկէ հայոց վարժարանը, իրենց Ս. Փրկիչ եկեղեցիով, ինչպէս նաեւ հայ բողոքականաց երկու վարժարանները` մէկ ժողովարանով։ Արաբկիրի այս 13ի չափ վարժարաններու գոյութիւնը կ’արդարացուէր` թաղերու իրարմէ ունեցած հեռաւորութեամբ։ Իսկ թուրքերը ունէին նախակրթարան մը` կառավարչատան (հիւքիմէթ) կողքին. մզկիթ մը` մեծ շուկային կից, եւ ուրիշ երկու մզկիթներ` Քէշիշլէր թաղին մէջ։ Արաբկիրի շէնքերը կամ տուները պէտք է ըմբռնել իրենց նախնական ձեւերուն մէջ։ Իբր հետաքրքրական շինութիւն կարելի է յիշել, բացի մի քանի անհատական պալատներէ, երկու կրկին գմբեթաւոր բաղնիքները, կաթողիկէ հայոց եկեղեցին, Հայոց Առաջնորդարանը, մահմետականաց մզկիթները, երկու խան եւ ահա՛ ամէնը։ Հայոց 4 եկեղեցիներէն 3ը կարելի չէր շէնք անուանել, զի արտաքին տեսքով անոնք չէին տարբերիր հասարակ տուներէ, եւ կը նմանէին ընդարձակ դահլիճներու քան թէ տաճարներու։ Միայն Ս. Աստուածածին քարուկիր Մայր Եկեղեցւոյ ներքնակողմը` բաւականին հոյակապ ու շքեղ էր իր բարձրադիր 24 սիւներով։ Հայ եկեղեցական ճարտարապետութեան նրբահիւս ոճը կը բացակայէր անոնց մէջէն։ ***
22
Տալէ յետոյ քաղաքին համայնապատկերը, մտնենք անոր առօրեայ կեանքէն ներս։ Արաբկիր կարեւոր դիրք մը ստացեր էր` շնորհիւ իր առեւտրական շարժման եւ բազմամարդութեան։ Տեղւոյն գլխաւոր արհեստներէն էր մանիսագործութիւնը, որով կը զբաղէին առնուազն 50%ը եթէ ոչ աւելին։ Յետոյ, իրենց կարեւորութեան կարգով կուգային` շերամաբուծութիւնը, երկաթագործութիւնը, զինագործութիւնը, կօշկակարութիւնը, բրուտութիւնը, դերձակութիւնը, ներկարարութիւնը, պարզ վաճառականութիւնը, սեղանաւորութիւնը եւն։ Երկու շուկայ ունէր Արաբկիր. մին մեծ, իսկ միւսը փոքր. անոնք իրարմէ մէկ քլմ. հեռու էին։ Այդ երկու շուկաներուն մէջ կը գտնուէին բոլոր խաները, խանութները, կրպակները, բաղնիքները եւն։ Վերին կամ մեծ շուկային մէջ էին քաղաքին վաճառականները, արհեստաւորները, կառավարական շէնքը, նամակատունը, հեռագրատունը։ Շուկային վերեւ կը կանգնէին կառավարութեան շէնքերը, իսկ անոր կեդրոնական մասին մէջն էր` Արաբկիրի 3 մզկիթներէն ամէնէն մեծը, որուն ներքեւ կը գտնուէր ցորենավաճառութեան հրապարակը (Պուղտա Մէյտանի), շրջապատուած խանութներէ եւ խանէ։ Մեծ մզկիթին հարաւային կողմը կը մնար Ալմալու խանը։ Շուկային վերը, կառավարական շէնքին հարաւակողմը կը տարածուէր` փայտավաճառութեան հրապարակը (Օտուն Մէյտանի), շրջապատուած խանութներէ, իսկ Ղանարային տէփէն կը գտնուէր սպանդանոցը։ Ստորին կամ պզտիկ շուկան կը տարածուէր Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ հարաւային ստորոտը, Պուլանըգ տէրէին երկու եզերքներուն վրայ, քարէ կամարակապ լայն կամուրջով մը միացուած։ Այս շուկային խանութներուն մեծամասնութիւնը, մէջը ըլլալով Ալմասիկեան Խանը եւ Բաղնիքը, եկեղեցապետական կալուածներ էին։ Արաբկիրցիք, ամէն տարւոյ Աւագ Շաբաթ օրը, այդ խանին տանիքը հաւաքուելով, կարմիր հաւկիթ կը ծեծուըցընէին։ Արաբկիրի վերեւը կը գտնուէր թոյլ բերդ մը (Ղըշլու) ու քաղաքին մէջ կար զօրանոց մը որ կը կոչուէր տէպպօ։ Քաղաքէն մէկ ժամ հեռաւորութեամբ, դէպի հիւսիս-արեւմուտք, սիրուն Ոսկեգետակի ակունքին մօտ կը գտնուի Փիլպոս Առաքել ուխտատեղին, որ իր անունը ստացած է աւերուած համանուն վանքէն։ Ուրիշ ուխտատեղիներ են Ս. Սարգիս, Ս. Մամաս, Ս. Նշան եւն։ Իսկ մօտակայ արօտավայրերէն յիշենք` Սարը չիչէքի բարձունքը, Կէօլ տաղ, Ղարաբաբայ, Ղարատաղ, Ուզուն Եայլա, եւն։ Իր այգիներով, առուակներով, շէնքերու սեւ ու ճերմակ ծեփերով ու դալարազարդ պուրակներով, նկարչագեղ պարտէզ մըն էր Արաբկիր մինչեւ 1915, երբ բռնագաղթն ու արհաւիրքը եկան` ի շարս Հայաստանի միւս կեդրոններուն, այսօրուան տխուր վիճակին հասցնել երբեմնի այդ շէն ու բարգաւաճ աւանը...4։
23
Գմգմեան Գերդաստանը Արաբկիրի մէջ հաստատուած էր Գմգմեան գերդաստանը։ Անոր ծագումը անորոշ է, այսքանը յայտնի է միայն որ այդ գերդաստանի մեզի ծանօթ նախահայր Մինաս Կիւմկիւմցի (1767-1842) 1787ին, երբ դեռ քսան տարու էր, կը գաղթէ` Մուշէն 30 մղոն դէպի հիւսիս գտնուող Կիւմ-կիւմ գիւղէն5, եւ կուգայ բնակիլ Արաբկիրի (Անդի քաղաք) մէջ։ Ասկէ յառաջ կուգայ կիւմկիւմցի կամ Գմգմեան մականունը։ Ան 1795ին ամուսնանալով` Գույումճեան Պետրոսի աղջկան Մարիամի հետ, կ’ունենայ չորս զաւակներ. Սիմօն (1797-1872), Պետրոս (18081876), Պօղոս (1814-1869), եւ Մարիամ (1817-1857)։ Մինաս Գմգմեան Արաբկիրի մէջ կը զբաղի մոյկագործութեամբ (եէմէնիճի), եւ քաղաքին հիւսիս-արեւելեան ծայրամասը գտնուող Պէրէնկէ թաղին մէջ հաստատուելով կը շինէ իր համեստ բնակարանը, որ ի վերջոյ, յաւելուածական փոքրիկ շինութիւններով կ’ըլլայ Գմգմեան գերդաստանի պապենական օճախը։ Ընդարձակ բակի մը վրայ բացուող մեծ դռնէ մը ներս կը գտնուէին երեք փոքրիկ տնակներ, որոնց մէջ Սիմօն, Պետրոս եւ Պօղոս երեք եղբայրներ, անջատաբար կը բնակէին իրենց ընտանիքներով։ Մինասի անդրանիկ զաւակը` Սիմօն կ’աշխատի հօրը հետ, իսկ Պետրոս եւ Պօղոս` իրենց տան մէջ կը զբաղին ոստայնանկութեամբ (հոր գործելով)։ Սիմոն կ’ամուսնանայ Ջաղացպանեան խանումի հետ, կ’ունենայ չորս մանչ եւ մէկ աղջիկ. Պետրոս (որ կ’ըլլայ Ապահի Հայրը), ամուսնանալով Բարունակ Բարունակեանի աղջիկներէն Մարիամի հետ, կ’ունենայ եօթը աղջիկ եւ հինգ մանչ, որոնց ամէնէն կրտսերն կ’ըլլայ Աւետիս (Ապահ)։ Մինասի երրորդ եւ չորրորդ զաւակները, Պօղոս եւ Մարիամ, իրենց կարգին ընտանիք կազմելով, Գմգմեան գերդաստանը հարիւրութսուն տարուան ընթացքին կը ճիւղաւորուի, եւ աւելի քան ութսուն անձ կը հաշուէ իր մէջ։ Այսօր, քառասունի մօտ Գմգմեաններ կան Եգիպտոս եւ Ամերիկա, մասնաւորաբար Գահիրէ, որոնց մէկ ճիւղն է Ապահի ընտանիքը, Պետրոսեան մականունով։ Գմգմեաններ Արաբկիրի մէջ կը ճանչցուին իբրեւ գործունեայ, աստուածավախ ու բարի մարդիկ։ Չեն ունենար յիշատակելի ազգային գործունէութիւն (բացի Ապահէն), չեն ունենար աչքառու նիւթական կարողութիւն (բացի Ապահին երէց եղբայր Գրիգորէն). բայց կը գտնուին իրենց մէջէն ոմանք (ինչպէս` Ապահի երէց եղբայրներէն Փիլիպոս` իր թատերական եւ Կարապետ` բանաստեղծական նախափորձերով) հակում եւ ընդունակութիւն ցոյց կուտան դէպի հայ գիրն ու դպրութիւնը։ Իրենց մէջ, ինչպէս գաւառացի հայութեան շատ մը խաւերուն մէջ, ընտանեկան սրբութիւնները անաղարտ կը պահուին, եւ միամիտ հաւատքնուն շնորհիւ, կը յաջողին` պապենական մէկ երդիքի տակ, երկա՜ր տարիներ միասին ապրիլ, եւ անդուլ աշխատանքով, իրենց համար շինել` համեստ այլ պատուաւոր դիրք մը6։
24
Եօթը քոյրերն ու չորս եղբայրները Ինչպէս որ տեսնուեցաւ նախորդ հատուածէն, Գմգմեան Գերդաստանի երկրորդ ճիւղի նախահայր Պետրոս, նախապէս կ’ունենայ եօթը աղջիկներ, որոնք, առանց բացառութեան, ամէնքն ալ իրարու ետեւէ կը վախճանին անչափահաս տարիքի մէջ, հետեւաբար զանց կ’ընեմ յիշատակելու անոնց անունները։ Ութերորդ, կամ առաջին մանչ զաւակը կ’ըլլայ Գրիգոր (1853-1935), ու յաջորդաբար կը ծնանին Մարտիրոս (1855-1877), Փիլիպպոս (1861-1915) եւ Կարապետ (1866-1912)։
Աւետիսի ծնունդը Աւետիս (Ապահ), երկոտասաներորդ կամ կրտսերագոյն զաւակը Պետրոսի, կը ծնի 1872 Յունուար 6-ին (նոր տոմարով), կամ 1871 Դեկտեմբեր 24ին (հին տոմարով) Ս. Ծննդեան շաբաթներուն մէջ, եւ այս բարեդէպ պատճառով է որ Աւետիս կը կոչուի։ Ճերմակ դէմքով, կապոյտ աչքերով, փոքրիկ էնթարիով, եւ իր եղբայրներէն տարիքով ամէնէն պզտիկ, բայց հասակով անոնցմէ աւելի բարձր, հետեւաբար եւ ամէնէն շփացած զաւակը ըլլալով հանդերձ, ո՛չ նուազ ծանր գործեր ընելու կը պարտաւորուի մանուկ Աւետիս, երբ իր հօր պատկառազդու նայուածքին ի տես, իրեն վիճակուած էր` ձմրան բուքին, մօտակայ պարտէզներէն վառելափայտ ճարել իրենց տան օճախին համար։ Ու ան, փոքրիկ հասակով կքած, չոր խռիւներու (ոստերու) կապոցին տակ, ձիւնին ու սառնամանիքին մէջէն, հեւ ի հեւ տուն պիտի բերէր իրեն պատուիրուածը...։
Երկու մահեր Բայց աւա՜ղ որ երկար չի վայելեր հօրենական հովանին։ 1876ին, երբ Աւետիս հազիւ չորս տարու էր, կը վախճանի իր հայրը, 68 տարեկանին մէջ։ Իր այրիացած մօր միակ ժամանցը կ’ըլլայ Աւետիս։ Յաջորդ տարին ալ, արկածով մը կը վախճանի իր եղբայրը Մարտիրոս։ Հազիւ քսաներկու տարեկան, Մարտիրոս, թաղեցի իրեն տարեկից քանի մը երիտասարդներով խնճոյքի կ’երթան Անդի չայ` քաղաքին մօտակայ զբօսավայրը։ Ոչ հաճելի կատակի մը զոհ երթալով, կրած սաստիկ վախէն կը հիւանդանայ։ Քանի մը օրէն, մահը չ’ուշանար զգետնելու այս խոստմնալից երիտասարդը իր ծաղիկ հասակին մէջ։ Մանուկ Աւետիս Այնուհետեւ, Աւետիս պահ մը կը յաճախէ` Պէրէնկէ թաղին մօտ գտնուող բողոքականաց Ղազիկեան Մանկապարտէզը (1877-1878)։ Յիշեալ վարժարանին ուսուցիչն էր Կարապետ Էֆէնտի Մըխալեան։ Հոն իրեն դասընկեր կ’ունենայ իր
25
ապագայ աներձագերը` Վահրամ եւ Սեդրաք Եագուպեաններ, Միսաք Այրասեան, Դանիէլ Մանկիկեան եւ ուրիշներ։ Ապա կը մտնէ Սաղաթիէլեան Մայր Վարժարանը (1878-80) ուր ձրի կ’ուսանի։ Վարժարանի օրուան ուսուցչապետն էր` Ծագ գիւղէն, Յակոբ Էֆէնտի Չրաքեան։ Այդ օրերուն նոյն վարժարանը կը յաճախէին նաեւ, իր եղբայրներէն Փիլիպպոս եւ Կարապետ. Գրիգոր ըլլալով նեցուկը այլեւս այրիացած մօր։ Արաբկիրի ազգային կեանքը (1880-ական թուականներուն) 1878ին, երբ Աւետիս նոր սկսեր էր վարժարան յաճախել, Պոլսոյ Պատրիարքարանի կողմէ, հովուական պաշտօնով, Արաբկիր կ’այցելէ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց, որ այդ առթիւ հրատարակած յուշերուն մէջ, այսպէս կ’արտայայտուի. Արաբկիրի մէջ նշանակելի էր Քաղաքական Վարչութեան կանոնաւորութիւնը։ Հոն գոյութիւն ունէր արձանագրութիւն, տումար, դիւան, քարտուղար, եւն, որոնք իմաստութեամբ, յօժարութեամբ ու եռանդով կը գործէին։ ...Այսքան պատրաստութիւն ու շարժում կար Արաբկիրի մէջ. ուրախութեամբ կը սպասէին իրենց նորընտիր Առաջնորդ Եզնիկ Վարդ. Ապահունիին. ա՛լ աւելի ուրախ պէտք էր լինէր Եզնիկ Վարդ. որ այսպիսի պատրաստեալ եւ հասունացեալ պատուական հունձք մը կը յանձնուէր իրեն7։ Արդարեւ, Եզնիկ Վրդ. Ապահունի 1878ին Արաբկիր կուգար Առաջնորդական պաշտօնով, ուր իրեն պիտի վիճակուէր ունենալ` մինչեւ 1891, տասնչորս տարւոյ ընդհատուած` այլ նշանակալից գործունէութիւն։ Եզնիկ Վրդ., նախ քան Արաբկիր գալը, եղած էր Առաջնորդական տեղապահ Ռոտոսթոյի թեմին (1872-1876), ուր հազիւ չորս տարի պաշտօնավարած էր` իր յանդուգն եւ ըմբոստ բնաւորութեան պատճառով։ Այդ նկարագրով օժտուած մէկը, դժուար թէ յաջողէր կառավարել Արաբկիրի նման թեմ մը, եթէ երբեք չունենար իրեն համախոհ աջակիցներ եւ հետեւորդներ։ Արաբկիրի մէջ եւս, միեւնոյն յանդուգն եկեղեցականը եւ քարոզիչը, իր շունչին տակ, կը սկսի մարզուիլ յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած երիտասարդութիւն մը։ Ան, 1880ին կը հաստատէ դատարան` առաջնորդարանին մէջ։ Հետապնդումները կը սկսին ծայր տալ, ու ահա՛, 1882ի վերջերը Եզնիկ Վրդ. կ’աքսորուի Տիգրանակերտ, անկէ ալ շղթայակապ, Արաբկիրի վրայով կը տարուի Պոլիս, գաղտնաբար զինուելու շուրջ եղած տարաձայնութեան մը համաձայն։ Այս առթիւ ժողովուրդը երգ է հիւսեր իր մասին. ահա՛ անկէ հատուած մը. Դատարանին իմացուցին, ժողովրդէս զիս զատեցին, Տիգրանակերտ ուղարկեցին. արի Եզնիկ, ա՜յ քաջ Եզնիկ։
26
Մնաք բարեաւ նորէն կուգամ, վատ թուրքին դէմ սարսափ կուտամ, Ու եռանդով քարոզ կուտամ. արի Եզնիկ, ա՜յ քաջ Եզնիկ8։ 1883 Ապրիլ 12ին, Եզնիկ Եպս. կ’անդամակցի` Պոլսոյ Վանօրէից Խորհուրդին եւ վիճակաց վերակազմութեան եւ բարեկարգութեան համար հաստատուած յանձնաժողովին, իրեն հետ ըլլալով նաեւ Մատթէոս Իզմիրլեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Գրիգորիս Ալէաթճեան եւ Հմայեակ Դիմաքսեան եպիսկոպոսները9։ Այդ թուականէն մինչեւ 1887, Եզնիկ Եպս. Կ. Պոլիս կը գտնուի։ Նոյն տարւոյ մէջ, Պոլսոյ Յարութիւն Պատրք. Վեհապետեան կը յաջողի` ամբաստանութեամբ Պոլիս բերուած Եզնիկ Եպս. Ապահունին` Արաբկիրի, եւ Գրիգորիս Եպս. Ալէաթճեան` Մշոյ վիճակները դարձնել, այսպէսով արդարացնելով երկու եկեղեցականներուն մասին վերագրուած արարքները։ 1887ին, Արաբկիրի Շահրօզ թաղի վարժարանին հոգաբարձութիւնը, Եզնիկ Եպս.ի աջակցութեամբ, կը յաջողի` իր թաղին աւելի քան 400 աշակերտութիւն ունեցող վարժարանի աւագ ուսուցիչի պաշտօնին կոչել` Արաբկիրի շրջակայ գիւղերէն բնիկ քուշնացի Յարութիւն Շէքէրճեանը (Շէրպէթճեան), որ իր ուսումը լրացնելով Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ, մէկ երկու տարի առաջ եկած էր իր ծննդավայրը` Քուշնա, ու ապա Վաղշէն գիւղի կրթական գործը կազմակերպելու համար։ Յարութիւն Շէքէրճեան, տոգորուած յեղափոխական գաղափարներով, Պոլսէն յատկապէս երկիր ուղարկուած էր կազմակերպական աշխատանքի համար։ Ան, յեղափոխական եւ միեւնոյն ատեն տաղանդաւոր ուսուցիչ, բոլորին ալ սիրելի կը դառնայ կարճ ժամանակէն, այնպէս որ Եզնիկ Եպս.ը ամէն ջանք կը թափէ` Շահրօզ թաղի դպրոցէն վերցնել զայն եւ տեղաւորել բարձրագոյն Ուսումնարանի մէջ, բայց անյաջողութեան կը մատնուի, որովհետեւ Շահրօզ թաղեցիները կը սպառնան կռիւ հանել եթէ Եպիսկոպոսը իր մտադրութիւնը ջանայ իրագործել, բաժնելով զիրենք իրենց սիրելի ուսուցչէն։ Յարութիւն Շէքէրճեան սակայն, այդ շրջանի մէջ իր Հնչակեան աշխատանքը վերջացած համարելով, իր հրաժարականը կը ներկայացնէ դպրոցի խնամակալութեան ու կ’անցնի Քէպան Մատէն։ 1890 Յուլիս 15ին, Պոլսոյ մէջ տեղի կ’ունենար Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած Գում Գաբուի ցոյցը։ Ճիշդ այդ օրը, Սամսոն ցամաք կ’ելլէր Գաբրիէլ Կաֆեանց, կեղծ անունով Շմաւոն Յովհանեան, ռուսահայ երիտասարդ մը։ Ան, Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիրներէն էր, ու միեւնոյն ատեն Պոլսոյ Ցոյցին կազմակերպիչներէն։ Ան Սեբաստիա կ’երթար, տեղւոյն ազգային վարժարանին իբր տեսուչ։ Հոն հասնելուն սակայն, թեմակալ առաջնորդ Պետրոս Եպս.ի հետ չկարենալով համաձայնիլ, անմիջապէս կը հեռանար, ուղեւորելու համար Խարբերդ։ Դեռ Խարբերդ չհասած, նոյն տարւոյ Հոկտեմբերին, Արաբկիրի մէջ Հայոց Կեդրոնական Ուսումնարանի ուսուցիչները ցրուած
27
ըլլալով, տեղւոյն հասարակութիւնը կը հրաւիրէ Շմաւոնը, յիշեալ դպրոցի տեսչութեան պաշտօնը ստանձնելու, որ կ’ընդունի։ Ամբողջ ինը ամիս, մինչեւ 1891 Յունիսին, Շմաւոն կը վարէ Արաբկիրի Ս. Թարգմանչաց Ուսումնարանի տեսչութիւնը։ Այս տարեշրջանին է որ ամէնէն աւելի կը թրծուի եւ կը դարբնուի յեղափոխական գաղափարներու տարածումը Արաբկիրի նորահաս խանդոտ երիտասարդութեան մտքերուն մէջ։ Եզնիկ Եպս. Ապահունի, Յարութիւն Շէքէրճեան եւ Շմաւոն Կաֆեանց, այս գաղափարակից երրորդութիւնն էր որ պիտի պայթեցնէր մեծ փոթորիկը...։ Եզնիկ Եպս. (Շմաւոնի ընկերը, որ այնքա՜ն խանդավառուած էր անոր գաղափարներէն, մինչեւ անգամ թոյլատրած ըլլալով զինքը Արաբկիրի Մայր Տաճարի բեմէն յեղափոխական գրգռիչ քարոզներ խօսելու), այս յայտնի հոգեւորականը, Շմաւոնին համար արդէն ստեղծած էր սքանչելի միջավայր մը եւ մաքուր հայրենասէրի համբաւ մը, նուիրուող ու զոհուելու պատրաստ իրական հայորդիներէ շրջապատուած, որոնց մէջ հարուստն ու աղքատը, երիտասարդն ու տարիքոտը, կիներն ալ միասին, թիկունք թիկունքի կեցած էին վաղուան մեծ կռուին ըմբոստութեան պատրաստ։ Այժմ, տեսնենք թէ ինչպիսի՞ անձ մ’էր Շմաւոն, որուն անունը պաշտամունքի առարկայ էր դարձեր արաբկիրցիներու բերնին մէջ։ Երկու գլխաւոր յատկութիւններով օժտուած էր ան, չափէն աւելի յանդուգն էր եւ պէտք եղածէն աւելի յանձնապաստան, ասոնց միացուր շնորհալի անձնականութիւն մը ու զգայուն ոգի, եւ դու դէմ առ դէմ կը գտնուիս տիպար ղարաբաղցի հայու մը, Շուշի քաղաքին բնատուր զաւկին...։ Ան մագնիսացնող, հմայող դիմագիծ մը ունէր, գռուզ ու առատ մազեր գանգուրներով պսակ մը կը կազմէին բաց ճակատին վրայ [այդ կողմէ կը մօտենար ֆրանսացի ծանօթ գրող Ալֆօնս Տօտէի դիմագծին], թաւ յօնքերուն տակ փայլուն, խոհական ու թափանցող աչքեր խօսելու, համոզելու առանձնայատուկ ձեւ մը...10։ Հետաքրքրական անձ մ’էր Շմաւոն։ Բաւական էր որ քանի մը օր տեսակցէր ոեւէ՛ մէկու մը հետ, անոր հոգեբանութեանը կը թափանցէր իսկոյն11։ Յարութիւն Շէքէրճեան եւ Շմաւոն իրարու ծանօթանալով եւ զիրար լաւապէս հասկնալով կը սկսին կազմակերպական աշխատանքի – երիտասարդութիւնը խմորելով Հնչակեան յեղափոխական գաղափարով։ Կարճ ժամանակէն, այս յանդուգն գործունէութիւնը կը տարածուի Արաբկիրի ամբողջ գաւառին մէջ` կազմակերպական ցանցով մը։ Շմաւոնի համբաւը կը տարածուի ամբողջ Փոքր Հայքի նահանգները, եւ ամէն կողմերէն, Սեբաստիայէն, Մարզուանէն, Ամասիայէն, Մալաթիայէն, Ակնէն, Խարբերդէն եւ այլ տեղերէ, շարունակ Շմաւոնի մօտ կուգան` գործունէութեան հրահանգներ ստանալու։
28
Կազմութիւն Հնչակեան Կուսակցութեան Նախորդ հատուածով տուինք նկարագրութիւնը` ստեղծուած այս նոր միջավայրին որ Արաբկիրինն էր, Աւետիսի պատանեկութեան շրջանին։ Դարաւոր ստրկութեան մը, անլուր հալածանքներու եւ հարստահարութեանց վերջ մը տալու գերագոյն փափաք մը ստեղծուեր էր հայութեան որոշ մէկ մասին, մասնաւորաբար եւրոպական դաստիարակութեամբ սնած` արտասահմանի հայ ուսանող սերունդի մէջ։ Ազգովին փայփայուած, անկախ կամ ինքնավար Հայաստանի մը ազատագրութեան տենչն էր որ կը բարձրանար ամէն ազգասէր հայու կուրծքէ։ Պատմութեան տուած օրինակները ամենահզօր փաստերն էին ստեղծուած այս մտայնութեան։ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը, մարդկային իրաւանց հաւասարութեան, ազատութեան եւ եղբայրութեան վրայ հիմնուած, կուգար յեղաշրջել տիրող կարգուսարքերը։ Գարլ Մարքսի ընկերվարական ըմբռնումները ոտքի հաներ էին մասնաւորաբար արեւելեան-հարաւային Եւրոպայի, այսինքն պալքանեան ճնշուած ցեղերը, որոնք շնորհիւ միահամուռ ջանքերու մասամբ տիրացեր էին ցեղային ինքնօրինութեան։ Սան Սթեֆանոյի Դաշնագիրը (1878 Մարտ 3. յօդուած 16) ապա Պերլինի Վեհաժողովի Դաշնագիրը (1878 Յուլիս 13. յօդուած 61) եկան խոստումներ շռայլել հայ ազգին` բարօրութեան խաբուսիկ հեռանկարներով։ Կազմակերպութիւն մը, մարմին մը պէտք էր, հետապնդելու եւ գլուխ հանելու համար ազատագրութեան պայքարը։ Եւ ահա՛, 1887 թուին, Օգոստոս ամսոյ մէջ, ի Ժընէվ, եօթը ռուսահայերու կողմէ կը հիմնուի Հնչակեան յեղափոխական կուսակցութիւնը, ընկերվարական սկզբունքներ ունենալով իրեն իբրեւ հեռաւոր նպատակ։
Պատանի Աւետիս Նախ քան Հնչակեան Կուսակցութեան կազմութիւնը, Աւետիս կը յաճախէր Սաղաթիէլեան Մայր Վարժարանը։ Դեռ տասնամեայ պատանի, ան արդէն դպրութիւն կ’ընէ Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (1882)։ Իր զիլ եւ գրաւիչ ձայնը քանիցս արձագանգած է եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, եւ եկեղեցական շարականներու իր զգայուն երգեցողութիւնը խանդաղատումի արցունքներով տամկացուցած է բարեպաշտներու աջուըները...։ Ինչպէս եկեղեցիին, նոյնպէս եւ տան, վարժարանին ու փողոցին մէջ աչքի զարնող նոյն պատանին է Աւետիս։ Տան մէջ իր անհանդարտ բնաւորութիւնը, վարժարանին մէջ յառաջադէմ եւ ազգասէր հայորդին, իսկ փողոցին մէջ կռուասէր եւ խորամանկ տղա՛ն է ան։ Իր երէց եղբօր Փիլիպպոսի, Կարապետի ինչպէս նաեւ Բարունակեան մօրեղբայրներու հետ, հակառակ տարիքով անոնց մէջէն ամենափոքրը ըլլալուն, վար չի մնար անոնց առընթեր խաղերու եւ դպրոցական հանդէսներու մէջ դերեր ստանձնելէ։ Այդ դերերէն կամ թատրերգութիւններէն ոմանք յատկապէս գրուած
29
էին` իր երէց եղբօր Փիլիպպոսի կողմէ, որ գրական այդ մարզին մէջ ունէր որոշ ընդունակութիւն։ Նոյնն էր տեսարանը փողոցին մէջ։ Արձակուրդի պահուն կամ տօնական օրեր, Աւետիս գլուխը կ’անցնէր իրեն հասակակից տղայոց, լաւ «դաս տալ»ու համար` հայատեաց թուրք լաճերուն...։ Իր շփուկը կամ մտրակը (էնթարիին տակը պահուած), անբաժան ընկերն էր դասագրքերու պայուսակին։ Վա՜յ այն թուրք լաճին որ յանդգնէր խօսք մը կամ կշտամբանք մը նետել իրեն ծանօթ հայ տղու մը, անիկա պէտք էր նոյն օրն իսկ իր պատիժը ստանար...։ Իր անունը արդէն բաւական էր սարսափ ազդելու թաղեցիներուն։
Աւետիս կը փոխակերպուի Ապահ Աւետիսի ունեցած աչքառու յանդգնութիւնը խոստմնալից ապագայ մը կը բանար իր առջեւ...։ Անշուշտ այս պատանիին մասին հեռուէն թէ մօտէն եղած տարաձայնութիւնները, անոր առակի կարգ անցած անօրինակ մտային թէ ֆիզիքական կարողութիւնները, չէին կրնար վրիպիլ` Արաբկիրի օրուան Առաջնորդ Տ. Եզնիկ Եպս. Ապահունիի ուշադրութենէն։ 1888ին Աւետիս կը գտնուէր Ս. Թարգմանչաց Բարձրագոյն Ուսումնարանի խոնարհագոյն կարգերէն միոյն մէջ, ուր կ’ուսանէր այլեւս գրաբար, թուագիտութիւն, ազգային թէ կրօնի պատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւն, իրեն ուսուցիչ ունենալով Գարեգին Կիրակոսեանի եւ Յարութիւն Շէքէրճեանի նման յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած դէմքեր։ Աւետիսի համար անծանօթ չէին Րաֆֆիի, Պէշիկթաշլեանի, Նալբանդեանցի, Աբովեանի եւ Ծերենցի նման հրեղէն գրիչներէն ելած երկերը։ Այս հայ հեղինակները` ազգային ազատութեան անգուսպ ու կատաղի տարփանքովը կուգային հրդեհել գաւառի թէ արտասահմանի հայութեան գրեթէ բոլոր խաւերուն հոգիները։ Մասնաւորաբար գաւառի հայութիւնը զանոնք կը կարդար գաղտագողի, տուներու, վանքերու կամ այլ թաքստոցներու մէջ։ Անոնք այդպէսով սկսեր էին խմորել նորահաս երիտասարդութիւնը ընդվզումի, ըմբոստացումի եւ ինքնագիտակցութեան։ Ու Աւետիսի նման պատանիներու մէջ, ցանուած այդ գաղափարական սերմերը` վիպական հերոսներու սխրագործութեանց ընթերցումով, պիտի մղէին զանոնք արկածախնդրութեանց, գուցէ նոյնիսկ հերոսական արարքներու դիմելու...։ Չօպանեան, անդրադառնալով մասնաւորաբար Րաֆֆիի երկերուն թողած ազդեցութեան վրայ, կը գրէ. Ո՛չ մէկ հայ հեղինակ` Եղիշէէն ու Խորենացիէն ի վեր, այնպիսի խոր ազդեցութիւն ունեցած է իր դարաշրջանի հայ երիտասարդութեան վրայ, ինչպիսին ունեցած է Րաֆֆին։ Եթէ հայ ազատագրական պայքարներու ընթացքին յայտնուեցան երիտասարդ յեղափոխական մարտիկներ որ կատարեցին արտակարգ յանդգնութեամբ գործեր, այդ բոլորին մէջ,
30
նոր ժամանակներու մեր խումբ մը հայրենասէր եւ ազատաշունչ քերթողներու եւ գրագէտներու կարգին Րաֆֆիի վէպերուն գործած խոր ազդեցութիւնը պարտաւոր ենք մատնանիշ ընել ու փառաբանել։ Արդարեւ Րաֆֆի երկերուն մէջ ցոյց տրուած տիպարները իրօք երեւան եկան` անոր մահէն քիչ յետոյ։ Արմենական, Հնչակեան, Դաշնակցական, Վերակազմեալ գրեթէ բոլոր խիզախ ու հերոսական խառնուածքով երիտասարդները որ ազատագրական հինաւուրց պայքարին այդ նոր փուլը ապրեցան 1890էն սկսեալ, միմիայն Րաֆֆիի գործերով չէ որ ոգեւորուած ու պայքարի մղուած էին, բայց անոնցմէ շատերը գլխաւորապէս Րաֆֆիի հերոսներու անուններն ալ առին իբր իրենց ստանուն կամ մարտանուն. ինչպէս` Մուրատ (Համբարձում Պօյաճեան), Ֆարհատ (Միհրան Տամատեան), Ապահ, Աղասի, Մլեհ, Ջելլադ, Սաքօ, Կարօ, Ասլան, Համր, Որսորդ, եւն.12։ Նոյն տարւոյ մէջ օր մը, երբ Եզնիկ Եպս. ներկայ կը գտնուէր Աւետիսի գտնուած կարգին մէկ դասաւանդութեան, սքանչացած ուշիմ ուսանողին դասասացութեան կերպէն, իսկոյն իր մօտ կանչելով Աւետիսը, դասակիցներու ներկայութեան, յուզիչ եւ հանդիսաւոր շեշտով կը գոչէ. «Աւետի՛ս, զաւակս, դուն այսուհետեւ Ապա՛հ պիտի կոչուիս»։ Իրապէս տպաւորիչ եւ ճակատագրական ազդեցութիւն կ’ունենայ այս տեսարանը Աւետիսի մտքին վրայ։ Ապահունի Եպիսկոպոս իր անուամբ կը մկրտէր` իր համակրութեան արժանացող, ազգին այդ զաւակը։ Ապահ (որուն բառացի թարգմանութիւնն է` անվախ), այդ պահէն սկսեալ նոր կոչում մը կը զգայ իր մէջ, ինչպէս պիտի զգար եկեղեցական ասպարէզը ընդունուող եւ նոր սարկաւագ ձեռնադրուող մէկը. կարծես գերագոյն ձայն մըն էր որ կը պատգամէր հոն, Արաբկիրի մէկ անկիւնը, այդ անշուք շէնքին մէջ, իր ծայրայեղ գաղափարներով հանրածանօթ այդ եկեղեցականի բերնին մէջ13։
Հնչակը Արաբկիրի մէջ Այս անուանափոխութենէն քիչ ատեն վերջ, Արաբկիրի մէջ կը ստացուի` Հնչակեան Կուսակցութեան անդրանիկ պաշտօնաթերթը` Հնչակ։ Յարութիւն Շէքէրճեան, որ առաջին յարողներէն եղած էր հնչակեանութեան, տեղւոյն վրայ կը սկսի կուսակցական տենդագին գործունէութեան։ Հնչակը ձեռքէ ձեռք կը շրջի, գաղտագողի, մուտք կը գործէ ամէն հայ տունէ ներս. անոր թղթիկներն անգամ մասունքի պէս կը պահուին. իբրեւ նոր մեսիա, գաղափարախօս նոր կարգուսարքերու, որ կը ճառէր «ճնշուած ազգերու, հարստահարութեանց, հալածանքի, թալանի» եւ այս ամէնը համեմուած «սոցիալիստական» նորամուտ եւ թրքահայութեան անծանօթ վարդապետութեան մը լեզուով, ուշադրութեան կ’արժանանայ։ Կուսակցական անդամագրութեան արշաւ մը ծայր կուտայ գաւառի հայութեան մօտ։ Ամէնուրեք ժողովներ, խորհրդակցութիւններ, գաղտնի համախմբումներ։ Կուսակցութիւնը, համաճարակի մը նման, կը վարակէ ազգն ամբողջ։
31
Աղայական, պահպանողական դասակարգը, որ նիւթական եւ այլ շահերով կապուած էր տեղւոյն թուրք տարրին հետ, բացառութիւն կը կազմէր այս թոհ ու բոհին մէջ։ Ասկէ կը սկսին ծայր տալ մատնութիւններն ու ահաբեկչութիւնները. տէռօրն ու եղբայրասպան գնդակը կը գործեն։ Մինչ դէպքերը այսպէս կուսակցական գործունէութեան մը մղած էին Ապահը, իր երէց եղբայրը Գրիգոր, որ ընտանիքի նեցուկը եղած էր պահ մը Արաբկիրի մէջ, ու ապա անցնելով Գահիրէ օգնականը եղած էր տեղւոյն Արաբկիրցի ծանօթ սեղանաւորներէն Հաճի Սարգիս Աղա Մելիքեանի (որ միանգամայն իր հօրեղբօր փեսան էր), այս անգամ Արաբկիր կը վերադառնար, ամուսնանալու համար իր գործատիրոջ աղջկան Գ. Փրլանդ Ս. Մելիքեանի հետ։ Ամուսնութիւնը տեղի կ’ունենար` 1888 Հոկտեմբեր 6ին։ Յաջորդ տարւոյ Հոկտեմբեր 31ին կը ծնանէր Գրիգորի անդրանիկ մանչ զաւակը Պետրոս, իսկ 1890ի Մայիսին, Գրիգոր առանձին Գահիրէ կը վերադառնար, իր կինն ու զաւակը Արաբկիր ձգելով։ Նախ քան Գրիգորի Արաբկիրէն մեկնումը, ամիս մը առաջ, Ապահ կ’ունենայ միզարգելութեան հիւանդութիւն մը։ Շահրօզ թաղի մէջ բնակող միակ թուրք ճարպիկ վիրաբոյժը, Ճէրահ Հիւսէյին Էֆէնտին կանչուելով, Ապահի միզափամփուշտին մէջէն կը հանէ խոշոր քար մը։ Ճակատագրական պիտի ըլլար նաեւ այս ախտը Ապահի համար, զի այդ օրէն ճիշդ երեսուն եւ ութ տարի յետոյ նոյն հիւանդութեամբ պիտի կնքէր իր մահկանացուն... Գահիրէի մէջ։
Նորագիր Հնչակեանը 1890-91 տարին նշանակալից շրջան մը կ’ըլլայ Ապահի համար։ Ինք Արաբկիրի բարձրագոյն կրթարանն է տակաւին, որուն այդ տարեշրջանի նորընտիր տեսուչն է` Շմաւոն։ Միւս կողմէ Յարութիւն Շէքէրճեան, անդին կը վարէ նոյն քաղաքի Շահրօզ թաղի Կարապետեան ազգային նախակրթարանի տեսչութիւնը, որ կը մատակարարուէր գահիրէաբնակ արաբկիրցի մեծահարուստ Պօղոս Էֆէնտի Կարապետեանի տարեկան նպաստով։ Եզնիկ Եպս. Ապահունի միշտ իր թեմի հովուական պաշտօնին վրայ կը գտնուի։ Ասոնք օրուան յայտնի դէմքերն են Արաբկիրի։ Ասոնց կարգին եւ ասոնցմէ յետոյ կուգան փաստաբան Մարտիրոս էֆէնտի Քէնտիկեանի, Մարտիրոս Եկաւեանի, Յակոբ Երամեանի, Գրիգոր Ճանճիկեանի, Եղիա Աբգարեանի14 նման ուրիշ յայտնի անուններ։ Հնչակեան Կուսակցութեան տեղական Մասնաճիւղը 1889էն ի վեր կազմուած է հոն` Շմաւոնի նախագահութեան տակ։ Անոր առաջնորդութեամբ յառաջ կը տարուին անդամագրութեան, բրօբականտի, ահաբեկչութեան եւ ըմբոստութեան տենդագին աշխատութիւնները։ Ապահ նորագիր անդամագրուողներուն առաջին շարքին վրայ կուգայ։ Քիչ ատենէն ան աջ բազուկը կ’ըլլայ Շմաւոնի, ինչպէս որ է կրթարանին մէջ ալ անոր «յառաջադէմ» աշակերտներէն մին։ Ապահ կը գործակցի նաեւ Յարութիւն Շէքէր-
32
ճեանի եւ այլոց հետ` Արաբկիրի եւ շրջակայ վիճակներուն մօտալուտ ապստամբութեան մը ծրագիրը գլուխ հանելու համար։ Իրեն իբրեւ տարեկից եւ մտերիմ դասընկերներն են` Գագիկ Տէվէճեան, Եղիշէ Ազատեան, Շաւարշ Շիշմանեան, Սարգիս Պալաեան, Սեդրաք Երամեան, Սարգիս Երամեան, Սեդրաք Խըզարճեան, Յակոբ Տէվէճեան, Սեդրաք Յովսէփեան, Վարդան Աղաճանեան, Ս. Ա., Դ. Բ. եւ Զ. Ք. եւն, որոնք Արաբկիրի ինչպէս նաեւ շրջակայ գիւղերու մէջ օժանդակ խումբեր կը կազմեն։ Այս յեղափոխական երիտասարդութիւնն էր, ուրիշ անունով «Սահրատեան խումբ»ն էր, որ Արաբկիրի մէջ պիտի պայթեցնէր մեծ փոթորիկը...։ Այդ նպատակով հարիւրաւոր ռումբեր զետեղուած էին` Արաբկիրի «ղըշլայ»ին եւ վարի «տէպպօյ»ին շուրջ, որոնք յարմար առթիւ, եւ տրուած ազդարար նշանին վրայ, պիտի պայթեցուէին...։
Սահրատեան խումբ (Արաբկիր) Արաբկիրի յեղափոխական երիտասարդութիւնը, իր երազներուն թռիչք տալու համար, կը կատարէ տէռօրական փորձեր։ Այնտեղ կազմուած թաղային խմբակցութիւններէն` իր անձնուիրութեամբ ու եռանդով եզակի կը հանդիսանար Սահրատեան նորակազմ հնչակեան խումբը` Ապահի, Վարդան Աղաճանեանի (Իսրայէլ), Վարդան Պօյաճեանի, Սեդրաք Յովսէփեանի (Վաղարշակ), Ղեւոնդ Շահմիրի, Պետրոս Մանկիկեանի (Պիզմարք), Գրիգոր Մըսըրլեանի, Դանիէլ Հացագործեանի, Սեդրակ Հացագործեանի (Կայծակ) գլխաւորութեամբ։ Այս կրակոտ տղայոց համար որքա՜ն քաղցր էր այն օրերուն զինավարժութեան կամ մարզանքի համար հաւաքուիլ պարտէզի մը մէջ կամ աղբիւրի մը վրայ, ժամերով խօսակցիլ ապագայ ծրագիրներու մասին...։ Անոնք այնքան յափշտակւած կ’ըլլային, որ չէին զգար ժամանակին սահիլը կամ իրիկուան մութին պատելը, ու որչափ ծանր կուգար բաժնուիլ իրարմէ, զի անոնք ուխտած էին անբաժան մնալ ու գործել միատեղ։ Սահրատեան այս խումբն էր որ սարսափ ազդած էր բովանդակ Արաբկիրի մէջ, գաղտնաբար պատրաստելով հարիւրաւոր ռումբեր, ճարելով զէնքեր, եւն։ Այս շրջանի՛ն է դարձեալ (Կարնոյ 18 Յունիս 1890ի դէպքին առթիւ) որ ժողովրդական ծանօթ երգերէն` Հայը բանտէն չի վախնարի իբր յաւելուած (հեղինակը անծանօթ), Ապահ իր կողմէ կը յօրինէ եւ կը կցէ հետեւեալ երեք տուները նմանողութեամբ Ձայն մը հնչեցի, որոնք ի վերջոյ ժողովուրդի բերնին մէջ կը դառնան` նոյն երգին անբաժան մասը. Արի՛ք հայկազեան քաջեր, Առէ՛ք ձեզ հետ ձեր սուրեր. Շուտով վազեցէ՛ք Կարին, Որ յաղթենք վատ քուրտ ցեղին։
33
Արիւնածարաւ հայե՛ր Ջնջեցէ՛ք Կարնոյ ոսոխներ. Հայուն վերջին ժամըն է. Պէտք չէ՛ քուրտին խընայել։ Ո՜հ, հայն ա՛լ ազատուած է, Քանզի առիւծ կըտրած է. Պէտք է որ ջընջենք քուրտեր, Վերականգնենք մեր շարքեր։ Չարաբաստ դէպքը Դէպք մը պիտի գար մեծ աղմուկ հանել, վրդովելով Արաբկիրի խաղաղութիւնը եւ կառավարութեան ուշադրութիւնը դարձնելու դէպի հոն։ Այդ դէպքն էր` ոստիկան Եուսուֆ Հիւսնիի սպանութիւնը։ Ո՞վ էր ոստիկան Եուսուֆ։ Արաբկիրի մէջ նոր պաշտօնի կոչուած ոստիկանապետն էր ան, որ յեղափոխանները հետապնդելու համար, յատկապէս Պոլսէն ուղարկուած էր։ Ուրիշներու նման ինքն ալ կաշառակերութեան մարմնացումն էր, զի կաշառակերութիւնը տաճիկ պաշտօնական հաստատութիւններէն մին դարձած էր։ Պաշտօնեաները շատ անգամ եւ միշտ չնչին գումարի մը համար ազատ կը թողէին նշանաւոր յանցաւորները։ Արաբկիրի ոստիկանապետ Եուսուֆ, մէկու մը հարցման թէ ինչո՞ւ կ’արձակէ այսինչ կամ այնինչ բանտարկեալը, կը պատասխանէ. «Ես ի՞նչ կրնամ ընել երբ բոլոր մարմինը փտած է»։ Ահաւասիկ դէպք մը իր սպանութիւնը կանխող։ 1890ի վեջերը Արաբկիր, ինչպէս ամէն տեղ` պանդոկներու մէջ տեղաւորուած էին կառավարական զինուորները. ցորեկ ատեն, մի քանի հայեր հրապարակի մը վրայ գտնուող պանդոկին պատը կը ծակեն եւ մէկ քանի հրացան կը փախցնեն զօրքերու աչքին առջեւ։ Անմիջապէս լուր կը տրուի ոստիկանութեան, որ կը սկսի անթիւ խուզարկութիւններ ընել, բայց զուր տեղը։ Տեսնելով որ բան մը չգտնուեցաւ, Եուսուֆ կատղած կը վերադառնայ իր պաշտօնատեղին։ Անոր հոգը չէր բնաւ, թէ տէրութիւնը ամբողջովին կորսուած է։ Նորէն շուկայ կ’իջնէ եւ առաջին անգամ իրեն հանդիպող երկու երիտասարդ հայեր կը բռնէ եւ բանտ կը տանի։ Սակայն շաբաթ մը վերջ կ’արձակէ այդ անմեղները, անշուշտ կաշառք առնելով։ Մի քանի օր վերջ այս Եուսուֆը զինուորական գայմագամէն կը ստանայ կշտամբալից նամակ մը որու իբր հետեւանք, ինքզինք արդարացնելու համար, կրկին կը բերէ եւ բանտը կը նետէ յիշեալ երիտասարդները, որոնք երբեք տեղեկութիւն չունէին գործէն եւ զորս Եուսուֆը օրէնքով անպարտ ճանչցած եւ արձակած էր մի քանի օր առաջ։ Ահա՛ այս ոստիկանապետ Եուսուֆն էր որ 1891ի Մարտ 16ին գիշերը տէռորի
34
կ’ենթարկուէր երբ ան կ’այցելէր Սրմայ անունով անպատիւ հայ կնոջ մը տունը։ Կառավարութիւնը իբրեւ ոճրագործ կը ձերբակալէ թուրք պէյ մը որ հակառակորդն էր Եուսուֆին, եւ տարփածուն նոյն կնոջ։ Նազարբէկ երբ այս սպանութեան լուրը կ’առնէ, Պոլսէն գրուած Ապրիլ 8 թուակիր նամակէ մը, Հնչակի 1891 Ապրիլ 20ի համարին մէջ, դատապարտելի տղայամտութեամբ մը, առանց Արաբկիրի տեղական կազմակերպութեան գիտութեան, գործուած սպանութիւնը Հնչակեան տէռօրիստի գործ կը յայտարարէ։ Ահա՛ այդ յայտարարութիւնը. Հնչակեան Կուսակցութեան Պոլսոյ Յեղափոխական Դատարանի վճռի զօրութեամբ, մահուան դատապարտուեցաւ Արաբկիրի մէջ Եուսուֆ Էֆէնտի անուանեալ ոստիկանապետը, իբր արդար պատիժ` տեղացի հայոց մեծամեծ վնասներ հասցուցած ըլլալուն։ Ան սպանուած է խնճոյքէ մը դարձած պահուն։ Սարսափարկու պաշտօնեան անհետացած է։ Դեռ կանխահաս այս լուրը տալով, Հնչակ օգտակարութեան տեղ, վնասակար դեր մըն էր զոր կը խաղար. այդպէսով մատնելով եւ խուճապի ենթարկելով Արաբկիրի մէջ գտնուող ծանօթ Հնչակեան պարագլուխները։ Այս յայտարարութենէն անմիջապէս յետոյ, կառավարութիւնը ազատ կ’արձակէ պէյը եւ իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ հայ յեղափոխականներու վրայ, որոնց հետապնդումին համար արդէն Եուսուֆ ղրկուած էր Պոլսէն իբրեւ ոստիկանապետ։ Կառավարութեան այս գործին կ’օժանդակէ Հաճի Գրիգոր Խէրպէկեան որ դասատու էր տեղական դպրոցին մէջ։ Կը ձերբակալուին մտաւորականներ, հարուստներ եւ մանաւանդ յեղափոխական ծանօթ երիտասարդներ, կը բռնուին զէնքեր ու ռումբեր, բանտերը կը լեցուին հարիւրաւոր հայերով։ Շմաւոնի, Շէքէրճեանի եւ այլոց նպատակն էր` 1891ի գարնան ապստամբութիւն մը կազմակերպել Արաբկիրի մէջ։ Իբր կանխանշան ծրագրուած ապստամբութեան, հայերը նախ պայթուցիկ ռումբերը կը զետեղեն քաղաքին զօրանոցին (ղըշլա), վարի գինարանին (Տէպպօ) եւ կառավարչական շրջակայքը, ու երբ կարգը կուգայ վերի գինարանին (Տէպպօ) համար սահմանուած ռումբերը զետեղելու եւ պայթեցնելու, թուրք գինուորները վրայ կը հասնին ու կը ձերբակալեն հայերը. այս ձերբակալութեանց կը հետեւի մատնութիւնը, վատթարացնելով Արաբկիրի վիճակը, երբ միւս կողմէն ալ ուրիշ հայ խումբեր երկու օր անընդհատ կռուի կը բռնուին` Արաբկիրի անմիջական շրջակայք Վերի Աթմայի քիւրտերուն հետ։ Այդ նպատակով, գաղտնի նախապատրաստութիւններ տեսնուած էին` Սեբաստիոյ, Մարզուանի, Ամասիոյ, Մալաթիայի, Ակնի, Խարբերդի եւ այլ վայրերու տեղական կուսակցական կազմակերպութեանց հետ, համօրէն ըմբոստանալու եւ միանալու իրենց շարժման։ Այդ տեսակէտով ուրեմն Հնչակ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար գէշ դեր կը խաղար։
35
Նոյն տարւոյ Մայիսին, Մարզուանի Հնչակեան Մասնաճիւղին կողմէ` Սուրէն Սուրէնեան Արաբկիր կ’ուղեւորի` տեղւոյն ընկերներուն ապստամբելու մասին իրենց վտանգաւոր եւ անիրականալի առաջադրութենէն ետ կեցնելու համար.
Արաբկիր հասնելուս, կը գրէ Սուրէնեան իր յուշերուն մէջ, արդէն կազմակերպութիւն չէր մնացած. Հնչակը իր այդ անզգոյշ յայտարարութեամբ զանիկա քանդած, եւ անդամներն ալ ցիր ու ցան ըրած էր։ Առաջնորդարան այցելութեանս, Եզնիկ Եպս.ի սգացող ու թափուր մահճակալը կար, իսկ քովի սենեակի օճախին մէջ Կաֆեանցի (Շմաւոն) այրած թուղթերու ծալծալ ածուխները մնացած էին, որոնց ո՛չ ոք ձեռք դպցուցած էր15։ Հետեւանքը Հիմա տեսնենք թէ ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ այս սպանութիւնը եւ ի՞նչ եղան տէռօրիստները։ Հետեւինք նախ Շմաւոնի հետքերուն։ Յայտնի էր թէ Շմաւոնի եւ իր գաղափարակից ընկերներուն Արաբկիր մնալը` վերոյիշեալ թուրք ոստիկանապետի սպանութեան վաղորդայնին վտանգալից պիտի ըլլար նախ իրենց անձերուն ու ապա իրենց պատկանած ընտանիքի անդամոց, հետեւաբար եւ տեղւոյն գաղութին. ուստի, իրենցմէ իւրաքանչիւրը, կարելիութեան սահմանին մէջ եւ նախընտրած տարբեր ուղղութիւններով ու ճանապարհներով խոյս կուտան Արաբկիրէն։ Այսպէս, հազիւ դպրոցական տարին վերջացած, այսինքն 1891ի Յունիսին, Շմաւոն, զգալով որ կառավարութեան ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրած ըլլալով կը հետապնդուի, կը ստիպուի գաղտնի կերպով թողուլ Արաբկիրը, իր հետ ունենալով երկու զինուած քաջ կտրիճներ Մկրտիչ Խըզարճեան եւ Մարտիրոս Թէրզեան. ան կ’երթայ Տէրսիմ, քիւրտերու մէջ բրօբականտ ընելու նպատակով։ Երեք հայ յեղափոխականները կ’իջեւանին տեղւոյն ամենանշանաւոր եւ ազդեցիկ աշիրէթապետ քիւրտ բէկի մը մօտ, որը իրենց շատ սիրալիր ընդունելութիւն ցոյց կուտայ։ Յուլիս 7ին, Տէրսիմի քրտաբնակ ուրիշ գիւղի մը մէջ, կաշառուած քիւրտ ցեղապետ մը Ֆերհատ Ուշաղցի Տիապ, իր մօտ ճաշի հրաւիրելով, ձերբակալել կուտայ Շմաւոնը, ինչպէս նաեւ Արաբկիրէն իրեն ընկերացող իր 18 տարեկան աշակերտը` Գազիկ Տէվէճեան, ուրիշ երեք հայերու հետ։ Կառավարութիւնը առ ի վարձատրութիւն, քիւրտ աղային կը շնորհէ գափուճի պաշիի պաշտօն մը։ Շմաւոն պարսկահպատակ ըլլալով, Խարբերդի պարսկական հիւպատոս` Գրիգոր բէկ Վարդանեանը, կառավարութենէն կը պահանջէ զինքը, ինչ որ կը յանձնուի։
36
Շմաւոնը ձերբակալել տուող քիւրտ ցեղապետին այս վատ արարքէն զայրացած, հայերու համակիր ուրիշ քիւրտ գիւղապետ մը, վրէժ լուծելու համար` իրենց աւանդական սովորութեան, այսինքն քիւրտերու մօտ իջեւանող հիւրերը մատնելու ստորութենէն, երկու հարիւր հոգիով կ’երթայ հրդեհել անոր տունն ու ագարակը։ Խարբերդի վալի բաշային կողմէ եկած գաղտնի հրահանգին համաձայն, սակայն, Շմաւոնն ու իր ընկերները ձերբակալելով, ձիերու վրայ կապած կը տանին Խարբերդ։ Տեղւոյն բանտին մէջ երկու ամիս ու կէս մնալէ վերջ, Շմաւոնն առանձին, իբրեւ օտարահպատակ, ուժեղ պահակախումբով մը կ’ուղարկեն Պոլիս։ Խարբերդէն Սեբաստիոյ ճամբուն վրայ, Շմաւոն կը փախչի դէպի Սամսոն` 1892 Յունուարին։ Երկու ամիսի չափ հոն պահուելէ վերջ, ան կ’անցնի Մարզուան եւ ամբողջ տարի մը հոն կը գործէ։ Այժմ բաժնուելով Շմաւոնէն, վերադառնանք Արաբկիր։ Առաջնորդ Եզնիկ Եպս. որ 1890ի կիսուն կասկածանօք կրկին Պոլիս տարուած էր, Պոլսոյ Պատրիարքարանի ջանքերով մի քանի ամիսէն դարձեալ կ’ուղարկուի Արաբկիր 1891ի սկիզբը, Եուսուֆի սպանութեան նախօրեակին։ Թուրք ոստիկանապետի այդ ոճրափորձը սակայն, ինչպէս ուրիշներու, նոյնպէս եւ գլխաւորաբար հայրենասէր Եզնիկ Եպս.ի վրայ եւս կասկածներ հրաւիրելով, Պոլսոյ վրայով նոյն տարին կը տարագրուի Երուսաղէմ, վերջնականապէս հեռանալով Արաբկիրէն, ուր, ինչպէս յիշուեցաւ, տասնըչորս տարուայ ընդհատուած` այլ նշանակալից գործունէութիւն մը ունեցած էր, տեղւոյն ազգային տարեգրութեանց մէջ գրաւելով կարեւոր տեղ մը։ Միջանկեալ ըսենք որ, Եզնիկ Եպս. երբ վերջնականապէս կը թողու Արաբկիրի թեմը, նախ քան Երուսաղէմ տարագրուիլը, տակաւին Պոլսոյ մէջ, 1892ի Օգոստոսին, երբ դեռ ազատ կերպով կը շրջագայէր, քարոզի մը համար` որ թրքական կառավարութեան կողմէ ազատաշունչ քարոզ կը նկատուի, ձերբակալուելով կը բանտարկուի. իր այդ արարքը պատճառներէն մին կ’ըլլայ Երուսաղէմ աքսորուելու։
Արաբկիրէն փախուստը Ոստիկանապետ Եուսուֆի սպանութիւնը գլխաւոր պատճառներէն մին պիտի ըլլար` ուրիշներու նման Ապահի ալ Արաբկիրէն հեռանալուն։ Ի՛ր կացութիւնը վտանգալից կը դառնար, թէեւ իր անունն ու ինքնութիւնը (իբր մասնակից կատարուած ոճրափորձին) անյայտ կը մնար...։ Պէտք էր ճշդէր իր դիրքը։ Ան բաւականաչափ հեռատեսութիւն ունէր գուշակելու համար` իր եւ իրեն նմաններուն սպասող անգութ ճակատագիրը...։ Միակ ելքը որ կար`
37
ինքզինք Թուրքիոյ գեհենէն դուրս նետելն էր, կառավարական հետապնդումներէն խուսափելու համար, եթէ երբեք չէր ուզեր ոչ միայն վտանգել իր անձը այլ եւ իրենները։ Ինք ամուրի էր տակաւին. ուսումը կրնար աւարտած նկատել, քանի որ Արաբկիրի Ուսումնարանի բարձրագոյն կարգերէն միոյն մէջ կը գտնուէր։ Իր ետին պիտի ձգէր այրիացեալ մայր մը, եւ չափահաս եղբայրներ, որոնցմէ նիւթական օժանդակութիւն չէր ակնկալեր այլեւս։ Ու Ապահ կու տար իր որոշումը։ Ինք լքելով իր ծննդավայրը պիտի մեկնէր Ամերիկա, գործ գտնելու, դիրք շինելու նպատակով։ Ու 1891 Նոյեմբերին, իր սրտակից ընկեր Եղիշէ Ազատեանի եւ այլոց հետ, իր կեանքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Ապահ փախուստ կուտայ Արաբկիրէն, ու Ակն-Շապին Գարահիսար-Կիրասոն-Պոլիս գծով կը ճամբորդէ Ամերիկա. իր ճակատագիրը յանձնած բաղդին եւ անստուգութեան...։ Այդ միջոցին Ապահ իր տասնըիններորդ տարիքին մէջ կը գտնուէր. ո՞վ գիտէ ի՞նչ կը սպասէր իրեն դժխեմ ճակատագիրը. գուցէ այլեւս պիտի չտեսնէր իր սիրելի ծննդավայրը, պիտի չտեսնէր իր անզուգական մայրը, եղբայրները, ազգականներն ու բարեկամները, վերջապէս եւ մէկ խօսքով այն շրջապատը ուր ինք առաջին անգամ իր աչքերն էր բացեր, ուր ինք մեծցեր էր եւ ուր ինկեր էր վտանգալից ճամբու մէջ...։ Եւ ինչե՞ր կը սպասէին իրեն, եթէ երբեք շարունակէր այդ ճամբան, դէպի կործանում թէ դէպի փա՜ռք...։ Ի՞նչ վիճակած էր իրեն ճակատագիրը։ Անտարակոյս Ապահ առանձին չէր` դէպի Ամերիկա գաղթելու իր տուած որոշման մէջ։ Իրմէ առաջ 1890ի Կարնոյ դէպքէն վերջ, նոյն այդ ճամբէն անցեր էին` իր ուսուցիչները Յարութիւն Շէքէրճեան եւ Գարեգին Կիրակոսեան։ Իրեն հետ եւ իրմէ վերջ նոյն այդ շաւղէն պիտի անցնէին` Շաւարշ Շիշմանեան, Սարգիս Պալաեան, Սեդրաք Երամեան եւ ուրիշներ, որոնք տեսնելով թէ Պոլսէն հրաման եկած է զիրենք ձերբակալելու, եւ գիտնալով թէ ձերբակալուելէ վերջ չափազանց պիտի դժուարանայ ազատիլը, կ’որոշեն այդպէսով արտասահման անցնիլ։ Ինչպիսի՜ բաղդ մը վիճակուած էր իրենց ա՛յն ընկերներուն որոնք դատապարտուած էին Արաբկիր մնալու...։ Ի՜նչ անլուր տանջանքներու եւ պատիժներու պիտի ենթարկուէին անոնք Թուրքիոյ զնտաններուն խորը...։ Ատոնք պիտի երեւին յետագայ էջերուն մէջ, ուր այլեւս Ապահ եւ ընկերները, պանդխտութեան ցուպը ձեռքերնին քաղաքակիրթ երկիրներու դռները ափ կ’առնեն, մինչեւ երթալ իյնալու համար նոր աշխարհի մը հեռաւոր ափերը...։ Ապագան ցոյց պիտի տայ թէ ասոնց ե՛ւս ինչե՜ր վերապահուած էին...։
38
Բ. ՄԱՍ 1891-1896
Ոճրափորձին հարցաքննութիւնը Գանք հիմա ոճրափորձի հարցաքննութեան։ Ինչպէս յայտնի է, Եուսուֆ ոստիկանապետը կը սպաննուէր 1891ի Մարտ 16ին, խնճոյքէ մը դարձած պահուն, կէս գիշերին, քաղաքի կեդրոնական փողոցի վրայ` Մալումեան Զաքարի տան առջեւ, երբ ան կ’այցելէր անպատիւ հայ կնոջ մը տունը։ Հետեւեալ օրը խուզարկութիւնք տեղի կ’ունենան, բանտը կը լեցուի հայ եւ տաճիկ բանտարկեալներով։ Նախնական հարցաքննութիւնը որեւէ արդիւնք չի տար. բոլոր բանտարկեալները կ’արձակուին` երաշխաւորներ տալով, ի բաց առեալ Զաքար Մալումեանի եղբօրմէն, որը ուրիշ ազգականի մը հետ սպանութեան գիշերը Զաքարի տունը պառկած կ’ըլլայ։ Երեք օրէն կու գայ Խարբերդի քօմիսէր Սիւլէյմանը։ Այս գող ու խարդախ անձը որ Խարբերդի պաշտօնանկ կուսակալի աջ բազուկն էր, կը սկսի վերաքննութեան։ Զաքար Մալումեան կը խոստանայ քննիչ պաշտօնեային օգնութեան ձեռք կարկառել, պայմանաւ որ իրեն ոստիկան լրտեսի պաշտօն տրուի։ Զաքար տեսակցութիւն մը կը խնդրէ բանտարկեալ եղբօրը հետ։ Բանտարկեալները կը բողոքեն, բայց անօգուտ։ Զաքարի քոյրը` Նազիկ, որ ինքն ալ բանտարկուած էր, եղբօրը թելադրանքին վրայ, ջրելով իր առջի ըսածները կը վկայէ թէ` ինք լսած էր հրացանի պայթիւնը, պատուհանէն գլուխը դուրս հանելով մութին մէջէն նշմարած էր վեց հոգի, որոնցմէ կը ճանչնար` Դանիէլ Հացագործեան, Գրիգոր Մըսըրլեան եւ Վարդան Ներկարարեան (Պօյաճեան) (երեքն ալ նոյն Զաքարի ոխերիմ թշնամիները)։ Ուրիշ բանտարկեալ մը` Սեդրակ Եկաւեան, քննութեան ժամանակ կը վկայէ թէ լսած էր Եուսուֆի ձայնը որ «աղամ, պէյիմ» պոռալով թողութիւն կ’աղաղակէր։ Նազիկի զրպարտութենէն յետոյ վերոյիշեալ երեք անձերու բնակարանները կը խուզարկուին։ Դանիէլ Հացագործեանը չկայ, տան մէջ ոչինչ կը գտնուի։ Մըսըրլեանի վերմակին վրայ լուցկիի գլխի մեծութեամբ անորոշ բիծ մը կը տեսնուի, իսկ պատին վրայ (փողոցի կողմէն) արեան հետքեր` մատով քսուած։ Բարեբաղդաբար տանը քովի մզկիթին հօճան կը վկայէ թէ սաներէն մէկուն քիթն էր արիւնած, թէ ան էր քսած այդ արիւնը։ Գայմագամն ալ կը վկայէ որ առաջին խուզարկութեան ժամանակ այդ հետքերը չկային։ Ներկարարեանին հին ճերմակեղէնի վրայ հին բիծ մը կը գտնուի (պէտք չէ մոռնալ որ ինք ներկարար էր)։ Այս տուեալներու վրայ Եուսուֆի արեան հետքերը կը գտնուին...։ Մըսըրլեան եւ Ներկարարեան կը բանտարկուին, եւ զինուորական ահագին ուժով Խարբերդ կը տարուին։ Ամբողջ քաղաքը ոտքի կ’ելլէ` Եուսուֆի սպաննիչները տեսնելու։
39
Վերջը ասոնց վրայ կը բարդուի երրորդ մըն ալ, Յովհաննէս անունով։ Սպանութենէն երեք շաբաթ յետոյ ասոր ձեռքին վրայ արեան հետքեր կը տեսնուին։ «Եուսուֆի արիւնն է» ըսելով` աս ալ Խարբերդ կը ղրկեն։ Ներկարարեանը եւ Մըսըրլեանը տասնեակ վկաներ ցոյց կուտան որ այդ գիշեր այս ինչ կամ այն ինչ տեղն էին։ Վկաները չեն լսուիր։ Դատաւորները ի վերջոյ, մահուան կը դատապարտեն` Հացագործեան Դանիէլը, Ներկարարեան Վարդանը եւ Մըսըրլեան Գրիգորը։ Այդ օրերուն, բանտերը կը լեցուին` Ակնէն, Բինկեանէն, Տիվրիկէն, Խարբերդէն բերուած հարիւրաւոր հայերով, որոնք անօթի, ծարաւ ու մերկ կը սպասեն տրուելիք վճիռներուն...։ 1892 Յունուարին եւս, Արաբկիրէն Պոլիս կը տանին երեք հայեր, մին Խանճի Եավէրի տղան Զաքարը, երկրորդը Չէօփճի Առաքել, որ գիւղերը նամակացրուիչ էր եւ միւսը էհթիլապեան Կարապետի եղբօր տղան։ Ասոնց մատնիչն է եղած` վատահամբաւ գող, դեռ նոր բանտէն ելած եւ ոստիկանի պաշտօն ստացած` ատաղձագործ Փիլիկ Բացգլուխեան, ամբաստանելով զիրենք իբր աւազակախումբի մը անդամներ։ Այդ օրերուն դարձեալ, Պոլսէն, չորրորդ զօրաբանակի հրամանատար Ճէվատ բաշա Արաբկիր գալով ութ հայեր եւս կ’աքսորէ այնտեղէն. ահա՛ անոնց անունները. Եկաւեան Մարտիրոս (Երեսփոխանական Ժողովի անդամ), Ճանճիկեան Գրիգոր (Արաբկիրի առաջին արհեստաւորը), Ժամագործեան Յակոբ, Քէնտիկեան Մատթէոս եւ Երամեան Յակոբ (քաղաքին առաջին սեղանաւորը), որոնք կ’ուղարկուին Գասթեմունի, ինչպէս նաեւ 14-15 տարեկան երեք դպրոցական տղաքներ, որոնք շղթայակապ Պոլիս կը տարուին հարցաքննութեան համար։ Ասոնց հետ, Ժամագործեան Յակոբ ու Պալթայեան Տէր Ներսէս դէպի Սեբաստիա եւ յիսունի չափ հայեր եւս կ’ուղարկուին Խարբերդ` կեդրոնական բանտը. քաղաքապետը կը սկսի պարծենալ թէ այլեւս Արաբկիրը մաքրուած է յեղափոխականներէ։ Բայց ահա հազիւ երեք օր անցած պայթուցիկ ռումբը կը կործանէ` Արաբկիրի բողոքական ազգապետ ու քաջածանօթ ազգավնաս Պատուելի Մարտիրոս Սիրականեանի քարաշէն երկյարկանի տունը։ Այս առթիւ տեղի ունեցած անթիւ ձերբակալութիւններէ յետոյ, հազիւ նոյն քաղաքապետը քաղաքին այս անգամ անտարակոյս մաքրուած ըլլալը կ’երեւակայէր եւ պարծենալ կ’ուզէր, երբ այս անգամ ալ քաղաքին կառավարական ընդարձակ շէնքը այրուելով` մոխիր կը դառնայ ամբողջովին եւ տեղւոյն կառավարութիւնը ճարահատեալ եւ խելագարուած, Խարբերդ կը դիմէ ձեռք ձգելու համար այրուած գրութեանց եւ թուղթերու պատճէնները, այն ժամուն իսկ, միեւնոյն կերպով հրոյ ճարակ կը դառնայ Խարբերդի կառավարական շէնքն ալ։ Այս երեք յուսախաբութիւնները եւ իրարու յաջորդող տարօրինակ դէպքերը
40
ա՛յն աստիճան կառավարութեանը շուարումի կը մատնեն, որ միակ միջոց մը կը մնայ Հնչակեաններու ճիրաններէն ազատելու համար. ամբողջ քաղաքը օդը բարձրացնելով` մաքրել...։ 1892 Մարտին, Արաբկիրէն երկու հազարի չափ ստորագրութեամբ երեք հանրագրեր կ’ուղարկուին Պոլիս, որոնցմէ մին Սուլթանին, միւսը մեծ եպարքոս` Ճէվատ բաշային եւ երրորդն ալ Ազգային Պատրիարքարան։ Այս հանրագրով տեղւոյն հայերը կը բողոքեն Արաբկիրի մէջ եղած ձերբակալութեանց եւ խուզարկութեանց վրայ, ըսելով թէ ի զուր անմեղ հայեր կը ձերբակալուին, կը չարչարուին եւն. պատճառաբանելով թէ հայեր կ’ընէին ամէն մարդասպանութիւն, հրձիգութիւն, աւարառութիւն։ Մինչդեռ այս բաները ընողները ո՛չ թէ հայերն են, այլ կառավարական պաշտօնեայք, ոստիկանք եւ այլք, որոնց նպատակն է այս մեթոտներով ժողովուրդը կեղեքել եւ հարստահարել ու դրամ շորթել։ Ուստի, - կ’ըսեն, - սոյն հանրագրով կը պահանջենք որ բոլորովին անկախ ու անաչառ մարդիկ զան, քննութիւններ բանան եւ մեր բողոքները մտիկ ընեն։ Այս հանրագրերու վրայ, Համիտ շատ կը բարկանայ եւ կը հրամայէ որ Արաբկիրի Առաջնորդ Եզնիկ Եպս. (որ այն օրերուն Պոլիս կը գտնուէր) Երուսաղէմ աքսոր ղրկեն։ Նոյնպէս կը պատմուի հետեւեալ ծիծաղաշարժ դէպքը։ Արաբկիրի դատարանին վրայ յայտարարութիւն մը կը փակցուի ընդդէմ կառավարութեան, զոր չի կարենալով փրցնել` դրան այդ մասը սղոցով կտրելով` Խարբերդ կը ղրկեն։ Կ’երեւի այդ յայտարարութեան պարունակութիւնը շատ խիստ եւ կծու ոճով մը գրուած ըլլալուն, այդչափ կարեւորութիւն տրուեր է։ Նախորդ հանրագրութեան պարունակութեամբ եւ գրեթէ նոյն ոճով, նոյն տարւոյ Մայիսին, Արաբկիրէն, 2000 կանանց ստորագրութեամբ ուրիշ հանրագրութիւն մը եւս կ’ուղարկուի Պոլիս, անգլիական դեսպան Կլար Ֆորդին, որ սակայն, կը վերադարձնէ զայն Արաբկիր, առանց որեւէ հետեւանք տալու։
Խստութիւններ Իբր հետեւանք Եուսուֆի սպանութեան եւ անոր յաջորդող յեղափոխական ցոյցերուն, 1892ի Յունիսին, թուրք կառավարութիւնը, Արաբկիրի մէջ հետեւեալ յաւելուածական կաշկանդիչ օրէնքները եւ պատիժները կը սահմանէ, արդէն իսկ ի զօրու եղող պատժական օրինաց վրայ. Յօդուած 1. Եթէ մէկը իր քով տպուած կամ անտիպ վնասակար գրութիւն պահէ կամ ուրիշի մը քով տեսնելով` չյայտնէ կառավարութեան` 1-էն մինչեւ 3 տարի պիտի բանտարկուի։ Յօդուած 2. Եթէ յեղափոխութիւն ընելու նպատակով կամ անձ մը սպաննելու մտադրութեամբ գաղտնի զէնք շինել տայ, թէ՛ գնողը եւ թէ՛ շինողը առնուազն 10 տարուան
41
տաժանակիր աշխատութեան պիտի դատապարտուի։ Յօդուած 3. Եթէ մէկը կառավարութեան դէմ յեղափոխութիւն ընէ կամ յեղափոխական նպատակաւ մարդ սպաննելու գործողութիւնը կատարէ` մահու պատիժ պիտի կրէ։ Ոստիկան Եուսուֆի սպանութեան հետ անմիջական կամ երկրորդական առնչութիւն ունեցող յայտնի հայեր եւ կուսակցականներ որոնք օձիքնին ձեռք կուտան, Խարբերդի կեդրոնական բանտին մէջ կը մնան մինչեւ 1895։ Ահաւասիկ անոնցմէ մի քանիներու անուանացանկը. Դանիէլ Էթմէքճեան. Գրիգոր Մըսըրլեան. Պօղոս Պօյաճեան. Մկրտիչ Խըզարճեան. Մարտիրոս Թէրզեան. Յակոբ Տէվէճեան. Մ. Յակոբ Հաճաթեան. Յակոբ եւ Յովհաննէս Սուլթանեան եղբայրներ. Փիլիպպոս Չէօփճեան. Աւետիս Քէօսէփիլիկեան. Գէորգ Հաճաթեան. Նիկողոս Կիւրեղեան. Սեդրակ Յովսէփեան. Սեդրակ Խըզարճեան. Յակոբ Ճին Ղազարեան. Առաքել Ճիկէրճեան. Ապահ Կէօկիւշեան. Միսակ Կիւրեղեան եւն։
Խանին փլուզումը Արաբկիրի յատկացուած այս գլուխը փակելէ առաջ, իբրեւ այդ շրջանի ժամանակակից դէպք, յիշատակենք նաեւ հետեւեալը, որը արիւնոտ յիշատակ մը թողուցած է` վերապրող արաբկիրցւոց մտքերուն մէջ։ 1893ի Զատիկը` ամէնուրեք ուրախութեան, իսկ Արաբկիրի հայոց համար սուգի օր մը կ’ըլլայ։ Աւագ Շաբաթ օրը, ցորեկին, խումբ մը հայեր կը հաւաքուին Աշաղը (վարի կամ պզտիկ) Չարշըսի անուն շուկան գտնուող եկեղեցիի կալուածներէն քարուկիր խանին տանիքին վրայ, ուր կարմիր հաւկիթ զարնելու զբաղած էին։ Ժամը 12ին, յանկարծ երկրաշարժի մը հետեւանքով խանը կը փլչի` իր աւերակներուն տակ թաղելով 48 հայեր, որոնց 40ը մեռած, իսկ 8ը վիրաւոր դուրս կը հանուին16։ Յաջորդ օրը, Զատիկ, ողբաձայն աղաղակներու մէջ, քառասուններուն մարմինները փլատակներու տակէն հանելով, մէկ շիրիմի ներքեւ կը հաւաքեն։
Անլուր կոտորածը (25 Հոկտեմբեր 1896) Երբ կը խօսինք Արաբկիրի մասին, իբրեւ տխուր վերջաբան ներկայ գլուխին, տա՛նք նաեւ անոր ահազդեցիկ կոտորածը որ տեղի ունեցաւ 1896ի Հոկտեմբերին։ Նոյն տարւոյ, թրքահայութեան տարբեր կեդրոններու սարսափելի կոտորածներու շարքին մէջ Արաբկիրի կոտորածը կը գրաւէ մեծ տեղ մը. կոտորած, որ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, հնձեց տարաւ աւելի քան երկու հազար մարդկային կեանք...։ Դէպքէն շաբաթ մը առաջ, կոտորածի լուրը կը շրջէր ժողովրդին ամէն խաւերուն մէջ։ Զինուորական արտասովոր շարժումները կանխազգացումը կուտային
42
մօտալուտ վտանգի մը։ Մօտակայ հայաբնակ գիւղերէն փախստականներ մազապուրծ քաղաքը ապաստանելով` աղիողորմ դէպքերու նկարագրութիւնը կ’ընեն։ Կասկածները կ’իրականանան, խանութները կը փակուին, փողոցները կը դատարկանան, տնային յարաբերութիւնները կը խզուին, շուտով քաղաքը զինուորական շղթայի տակ կ’առնուի, ոստիկան զինուած խումբեր թաղերու մէջ կը շրջին եւ հանդիպած հայը ծեծելով բանտ կը տանին։ Վերջապէս, Հոկտեմբեր 25ին, Չորեքշաբթի օր, երեկոյեան ժամը 3ին, զինուորական փողը քանի մը տարբեր տեղերէ ուժգին ու անընդհատ կը փչէ։ Սուլթանին պաշի պօզուք վայրենի բանակը, բաղկացած մօտակայ եւ հեռակայ գիւղերէ ու ցեղապետութիւններէ եկած քիւրտերէ, թուրքերէ եւ գըզըլպաշ աղանդաւորներէ, աւելի քան 20,000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքին շուրջը հաւաքուած, զինուորական հրամանին կը սպասեն։ Հրամանը տրուածին պէս, այդ ահաւոր բազմութիւնը չորս կողմէն կը յարձակի Արաբկիրի վրայ` դժոխային ձայներով եւ յախուռն թափով։ Առաջին անգամ, 2000 քիւրտեր, շոթիկցի Պաթտալ Էֆէնտիի հրամանատարութեամբ կը յարձակին. 1000ը Ուլու Փուղարի կողմէն, իսկ 1000ը քիւրտ աղայի ջաղացքին վրայէն։ Երիտասարդութիւնը լաւ մը զինուած կ’ըլլայ կանխօրօք. հայերը կը յարձակին երկու կողմին վրայ։ 1800 քիւրտեր կը փախչին, եւ մնացեալ 200ը կը վիրաւորուին։ Ատկէ վերջ, 17,000 քիւրտ, չէրքէզ պաշը պօզուքներ, քաղաքը շրջապատելով, կը սկսին նախ հրդեհել քաղաքը. բայց դեռ այդ 17,000ը քաղաքը չպաշարած, երբ 1800 քիւրտեր կը փախչին, Սուրբ Գէորգ թաղի երիտասարդները ժողով գումարելով, կ’որոշեն քաղաքին տաճիկ ժողովուրդը կոտորել. անոնք կը յարձակին Ուլու Փուղարը, անխնայ կը ջարդեն, կը հրդեհեն, ապա կ’անցնին Ուղուզ լարը, Պէրէնկէն, Չօպանլի եւ Ինիկլէր թաղերը, այրելով` իրենց ճամբում վրայ հանդիպող ամէն թուրք բնակարան, մինչեւ որ կը հասնին քաղաքի շուկան, ուր մզկիթին տինամիթը նետելով, ջարդ ու փշուր կ’ընեն նաեւ թրքական դպրոցը (մէտրէսէն). ի վերջոյ կը պաշարուին, այնպէս որ ռազմամթերքնին հատնելով, գիրկընդխառն կռիւը կը սկսի։ Պատկերը շատ սոսկալի է։ Քաղաքին ծայրագոյն թաղերը, Ս. Լուսաւորիչ, Տէրպէտէր, Ս. Յակոբ եւ Ս. Գէորգ, քստմնելի արիւնահեղութեանց եղերական թատր կը ներկայացնեն։ 20-30 զինեալ երիտասարդներ կ’աշխատին վանքը մտցնել մարդկային անհամար բազմութիւնը։ Ս. Գէորգ թաղի մէջ 5-6 երիտասարդներ քանի մը անգամ ետ կը մղեն հազարաւոր թուրքերու վոհմակներ. 24 ժամ շարունակ քաջաբար կը դիմադրեն։ Ս. Յակոբ թաղի մէջ դիմադրութեան անհատական անջատ փորձեր կ’ըլլան. իսկ Տէրպէտէր թաղի մէջ 10-12 երիտասարդներ առաջին անգամ ապստամբութեան դրօշը պարզելով գովելի յանդգնութեամբ քանիցս գրոհ կուտան աւազակներու անթիւ բազմութեան վրայ, թաղէն դուրս կը հանեն եւ նոյնիսկ քաղաքէն մէկ ժամ հեռու կը հալածեն եւ ապա
43
յաղթական երգերով կը վերադառնան։ Այս դիւցազնական պայքարը կը տեւէ 3 օր շարունակ։ Քէօսէեան թաղի մէջ բաւական երկար դիմադրութիւն կ’ըլլայ։ Անհատական դիմադրութեանց մէջ յիշատակելի է Խըզարճեան Սեդրակ (Սեդեկ) անուն 20 տարեկան յայտնի Հնչակեան քաջ ու ազնիւ երիտասարդը – միամօր զաւակ եւ նոր ամուսնացած – որ իր դեռատի կնոջ` Հայկուհիի հետ քաջաբար կը դիմադրէ իր տան վրայ յարձակող անթիւ ու փրփրերախ խուժանի մը 5 ժամ շարունակ։ Քիւրտերը ափ ի բերան կը մնան, իրենցմէ 4 հոգի կը մեռնին, օգնութեան կը հասնի քաղաքապահ զինուորներու ջոկատ մը, եւ կ’որոշեն տունը հրդեհել։ Երեք անգամ, ջրհան մեքենայի միջոցաւ քարիւղ եւ դիւրավառ նիւթեր կը նետեն, զորս սակայն կը յաջողի մարել եւ միայն չորրորդ անգամուն կը պարտաւորուի տեղի տալ ու ծպտուած ազատիլ անհամար գնդակներուն մէջէն։ Սեդրակ Խըզարճեան, այդ դէպքէն քանի մը օր վերջ, անխոհեմութեան մը հետեւանքով կը ձերբակալուի ու Խարբերդի բանտը կը ղրկուի։ 1897ին, ընդհանուր ներումէն օգտուելով կը վերադառնայ Արաբկիր։ Ան կը վախճանի 1900ին, իր ետին ձգելով երկու որբուհիներ, որոնցմէ` Արշալոյս (Տիկին Մասիս Զուրիկեան) վախճանեցաւ ի Գահիրէ, 17 Ապրիլ 1938ին։ Տասը, տասնհինգ օրերու շարունակական փորձերուն` ապստամբները լռեցնելու, կառավարութիւնը յուսալքուած վերջապէս մունետիկներ կը հանէ որոնք պատուոյ վրայ երդումներով կառավարութեան բերնով կը խօսին թէ ջարդը այլեւս վերջ գտած է եւ ամէն ոք ինչպէս առաջ կրնար գործի երթալ։ Հայերը խաբուած էին։ Անմիջապէս որ իրենց դիրքերէն կը քաշուին, կառավարութիւնը ձերբակալութեան կը սկսի, մաս մը կը սպաննեն եւ 105 հոգի ալ, Նոյեմբեր 17ին, կ’աքսորեն Խարբերդ ուր երկար դատավարութենէ ետք, մաս մը Դեկտեմբեր 9ին ազատ կ’արձակուին, ուրիշներ մինչեւ 1899 կը բանտարկուին եւ 11 անձ ալ մահուան կը դատապարտուին։ Թալանին, Արաբկիրցին կուտայ 2800 զոհ. ջարդերուն եւ տիրող համաճարակին պատճառով քաղաքը աւերակ դարձեր էր 1896ին։ Չկային այլեւս պալատները մեծահարուստներուն։ Եկեղեցիները` Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ, եւ Ս. Լուսաւորիչ մոխրացեր էին, ու Մայր ժամը մերկացուած էր փարթամ զարդերէն, եւ որտեղ անպատսպար ժողովուրդ լեցուած էր։ Այսպիսի Ճակատագիր մը վերապահուած էր հանդարտակեաց Արաբկիրին, որուն տարեգրութեանց մէջ միակ զանգուածային կոտորածն էր որ տեղի կ’ունենար այդ չարաբաստ տարին։ Արիւնարբու Համիտ, ջարդի այդ ծրագիրը իրագործելով կ’երազէր բնաջնջել ու հիմնայատակ ընել` ուրիշ հայաշատ կեդրոններու կարգին Արաբկիրն ալ, որ յանդգնած էր ըլլալ յեղափոխական խմորումներու կեդրոն, Եզնիկ Եպս.ի, Շմաւոնի եւ այլոց յաջողակ փորձադաշտը, եւ ծնունդ տուած էր Ապահներու, Կարապետներու, Ժիրայրներու որոնք քիչ յետոյ պիտի պայթեցնէին Զէյթունի
44
լեռներուն վրայ պատմական ապստամբութիւնը...։ Այդ ապստամբութիւնը կատարուեր էր արդարեւ, այնպիսի դժուարին եւ ուժերու անհամեմատ պայմաններու տակ, որ կարմիր էջ մը կը բանար հայ ազատագրական պատմութեան մէջ...։ Ա՛յդ էր պատճառը գլխաւորաբար որ կարմիր Սուլթանը` զէյթունցիներէն իր կրած ամօթահար պարտութեան փոխ վրէժը ուզեց լուծել խեղճ ու անպաշտպան արաբկիրցիէն եւ այլ տեղացի հայերէ։ Արաբկիրի դիրքին միակ թերութիւնն էր` ամրութիւններու չգոյութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքնապէս կազմակերպիչ ձեռքերու պակասը, ապա թէ ոչ, իր անլուր կոտորածի ժամանակ, ան դիւրաւ չէր ընկրկէր ու տեղի տար վայրագ ընչաքաղցութեանց...։ Այդ թոհուբոհին, արիւնահեղութեանց, ջարդի ու թալանի ժամանակ ի՞նչ եղան Ապահի ընտանիքի անդամները, անոր պապենական տունը, եւն, այդ դիւրին է հետեւցնել նախընթաց էջերու մէջ եղած նկարագրականէն, որ օգտուած ենք մասնաւորապէս այդ օրերուն պատրաստուած պաշտօնական տեղեկագիրներէ։ Հազարաւոր զոհերու կարգին, Գմգմեան ընտանիքը, համեմատաբար ուրիշներու, նուազագոյն վնասով դուրս կուգայ այդ պայքարէն։ Թալանի եւ նիւթական կորուստներու կ’ենթարկուի պապենական օճախը, եւ այլոց կարգին Գմգմեաններ ալ խոյս կուտան երկրէն, ապաստանելով մասնաւորաբար Գահիրէ, ուր շատ կանուխէն ստեղծուեր էր արաբկիրցիներու ստուարաթիւ գաղութ մը։ Թալանէն տարի մը վերջ, հրդեհուած քաղաքը, մոխիրներուն տակէն յարութիւն կ’առնէր, շէնքերը նորէն կը բարձրանային, գործերը իրենց ուղիին մէջ ինկած էին ու Մայր Տաճարին մէջ նորէն պսակ կար... օրօրոցին մէջ մանուկը կը ճչա՜ր – կեանքը վերսկսած էր։ Ջարդի զոհ գացած ծնողներու 1500 որբացած զաւակներուն համար` 1899ին կը բացուի որբանոց մը, նախ Ռոտոսթոյի հայոց կողմէ (40ի մօտ որդեգրուած որբեր), եւ ապա Գահիրէի նորակազմ Որբասիրաց Ընկերութեան կողմէ։ Ժողովուրդը այդ օրերուն կ’ունենայ նաեւ արժանաւոր Առաջնորդ մը, յանձին Մուշեղ Վարդապետ Սերոբեանի, որ իր քարոզներով պիտի մագնիսացնէր հասարակութիւնը եւ մեծ զարկ պիտի տար կրթական գործին։ Մենք առ այժմ պիտի փակենք Արաբկիրի նուիրուած այս գլուխը, հետեւելու համար Ապահի քայլերուն, աւելի ուշ կրկին անդրադառնալու համար մի քանի ուշագրաւ կէտերու։
45
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Արաբկիրու յատկացուած այս Գլուխը բաժնած ենք երկու մասերու. առաջին մասը կը պարունակէ` Ապահի ծնունդէն (1872) մինչեւ իր երիտասարդութեան եւ Ամերիկա մեկնումի (1891) շրջանը. իսկ երկրորդ մասը` այդ թուականէն, այսինքն ոստիկան Եուսուֆի սպանութեան հարցաքննութենէն մինչեւ 1896ի Համիտեան ջարդերը։ Երկրորդ մասին բովանդակութիւնը թէեւ դուրս էր մեր ծրագրէն, սակայն ընթերցողին լիակատար գաղափար մը կազմել տալու համար` Ապահի Ամերիկա փախուստին տարողութեան, եւ ոստիկան Եուսուֆի սպանութենէն մինչեւ 96ի կոտորածները Արաբկիրու անցքերու մասին, յարմար նկատեցինք կցել այդ բաժինը։ 2. Երբ այս կ’ըսենք, նկատի ունինք կէս դար առաջ գոյութիւն ունեցող Արաբկիրը։ 3. «Անդի քաղաք»ին այս վտակը, Արաբկիրէն գրեթէ կէս ժամ հեռուէն կը հոսի եւ Մուրատի մէկ ճիւղը կը համարուի։ Անոր երկու եզերքներուն վրայ կը գտնուին Արաբկիրի այգիներէն ու պարտէզներէն շատերը, ինչպէս նաեւ քաղաքին պօստանները (ածուք)։ 4. Հին Արաբկիրի յիշատակը սակայն ծնունդ տուած է նորէն...։ Նոր Արաբկիր, 1925 Նոյեմբեր 29ին կառուցուեցաւ Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան մէջ, Երեւանէն 2 քիլ. դէպի հիւսիս-արեւելք, Քանաքեռի ճամբուն վրայ, Հրազդանի եզերքը, նախաձեռնութեամբ` Ամերիկաբնակ Արաբկիրցիներու Հայրենակցական Միութեան։ Այս մասին տեսնել մեր պատրաստած ուրիշ մէկ աշխատասիրութիւնը` Նոր Արաբկիր. պատմական եւ վիճակագրական տեսութիւն, հրատ. Արաբկիրի Հայրենակցական Միութեան Գահիրէի Մասնաճիւղին, Գահիրէ, 1937, էջ 48։ 5. Կիւմկիւմ կամ Վարդօ գիւղը կը գտնուէր Մուշի եւ Խնուսի ճանապարհին մէջտեղ, Պինկէօլ (Բիւրակն) լերան ստորոտը, Աշտիշատի նշանաւոր վանքին մօտ, Արածանիի եզերքը։ Ան մաս կը կազմէր հին Հայաստանի Տուրուբերան գաւառի` Ապահունիք գաւառակին, (որ կը համապատասխանէ այժմու Մանազկերտ գաւառակին)։ Ապահունիք, ինչպէս յայտնի է, Հայաստանի Եպիսկոպոսական գաւառներէն էր, եւ կանխաւ Հարք գաւառի հետ մէկ թեմ կը կազմէր. Ե. դարուն մէջ էր որ բաժնուեցան այդ երկու գաւառները եւ ունեցան առանձին եպիսկոպոսներ։ Ապահունեաց նախարարական եւ ազնուապետական տոհմին տանուտիրական կալուածներու մէջ կ’իյնար նաեւ Կիւմկիւմ։ 6. Գմգմեան Գերդաստանի այս ծանօթութիւնները կը քաղենք այդ Գերդաստանի շուրջ մեր պատրաստած 180 տարուան ընդարձակ Տոհմացոյցէն։ Անոր առընթեր, պատրաստած ենք նաեւ Բարունակեան եւ Եագուպեան Գերդաստաններու անջատ Տոհմացոյցերը, առաջինը` 140, իսկ երկրորդը` 300 տարուան։ Այս երեքն ալ ցարդ կը մնան անտիպ։ 7. Տ. Գարեգին Վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար. Հայաստանի ճամբորդ, Կ. Պոլիս, 1879, Ա. մաս, էջ 277-279։ 8. Ս. Ա. Բախտիկեան, Արաբկիր եւ շրջակայ գիւղերը, Պէյրութ, 1934, էջ 20։ 9. Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Ազգապատում, Գ. հատոր, Երուսաղէմ, 1927, էջ 4469։ 10. Տես` Մեր երէկը, յուշեր, գրեց` Սուրէն Սուրէնեան, Նիւ Եորք, 1936։ 11. Տես` Հայկական ճգնաժամէն, գրեց` Յարութիւն Ճանկիւլեան, Պոլիս, 1913, էջ 12, հատոր Գ.։
46
12. «Րաֆֆի», տես Անահիտ հանդէս, 1937, թ. 5-6։ 13. Փառասէրն Եզնիկ Եպս. Ապահունի, Արաբկիրի մէջ իր պաշտօնավարութեան շրջանին, նոյնանման շատ մը անուանափոխութիւններ կատարած է ուրիշներու վրայ եւս` աւելի կամ նուազ հանդիսաւոր պարագաներու տակ. անոնց թրքաձեւ անունները հայացնելով կամ տալով ազնուատոհմիկ պատմական ազգանուններ, ինչպէս Պալունի, Պահլաւ եւն։ Այդ չափահաս մկրտեալները, փոխան միւռոնի, իրենց ճակտին վերեւը, մազերնուն մէջ խուզուած խաչանիշով մը պիտի ստանային Սրբազանին օրհնութիւնները եւ մկրտութեան դրոշմը։ 14. Եղիա Աբգարեան վախճանեցաւ ի Պոլիս` 4 Յունուար 1938ին։ 15. Տես` Մեր երէկը, յուշեր, գրեց` Սուրէն Սուրէնեան, Նիւ Եորք, 1936։ 16. Տես Մասիս, 3.4.1893, էջ 207։
47
ԳԼՈՒԽ Բ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ (1892-1893) Երգեցէք ո՜վ ծխնելոյզներ ու ըսէ՛ք խաչուած, վտարանդի գործաւորին, որուն մէջ տունի եւ հայրենիքի կարօտը կ’այրի` մարդակեր մեքենաներու առջեւ, թէ պիտի գայ օր մը, որ դուք ձեր վրէժի երգերուն մէջէն, լսելի պիտի ընէք` ընտանի օճախներու բուխերիկներու մայրական երգին բովանդակ երանութիւնը...։ ՄՈւշԵղ ԱՐք. ՍԵՐՈբԵԱՆ
Ա
Մեկնումը
պահ իր որոշումը տալէ վերջ, 1891 Նոյեմբերին, Եղիշէ Ազատեանի եւ այլոց հետ, փախուստ կու տայ Արաբկիրէն` Ամերիկա երթալու համար։ Հազիւ ճամբու մը ծախս առած` իր Գրիգոր եղբօրմէն, փախստական եւ ծպտուած, հազար ու մէկ դժուարութիւններէ եւ վտանգներէ անցնելով, ձմրան այդ անախորժ եղանակին, քանիցս թուրք ոստիկանութեան խիստ հսկողութիւններէն խուսափելով, Ակնի, Շապին Գարահիսարի, Կիրասոնի ճամբով կը յաջողի ֆրանսական ապրանքատար շոգենաւ մը առնել Սեւ Ծովէն, ու Պոլսոյ առջեւէն անցնելով, ինքզինք ձգել Մարսիլիա։ Այդ օրերուն, գաղթի կարաւանը Մարսիլիայէն կ’անցնէր գլխաւորապէս։ Հայ գաղթականներ այդ պատեհութեամբ այցելութիւն կուտան Մկրտիչ Փորթուգալեանի1 որ Մարսիլիա հաստատուած` Արմէնիա անուն պարբերական մը կը հրատարակէր։ Ուխտավայր մը կ’ըլլայ Արմէնիաի խմբագրատունը, բնագաւառի ծոցէն եկող եռանդուն երիտասարդութիւնը կը տեսնուի Փորթուգալեանի հետ, կը խօսի հայկական հարցին, քաղաքական խնդիրներու եւ յեղափոխութեան շուրջ, եւ ներշնչումի նոր կայծ ու ոգի կը ստանայ անկէ։
48
Ապահ եւ իր ճամբու ընկերները, ամէնքն ալ անփորձ եւ դեռատի արաբկիրցի երիտասարդներ, առանց անձագրի եւ առանց նիւթական մեծ գումարի, Մարսիլիայէն եւս ուրիշ շոգենաւ գտնելով, կը կտրեն Ատլանտեանը եւ 1892-ի սկիզբը Նիւ Եորք ցամաք կ’ելլեն։ Նիւ Եորքի մէջ անոնք երկար չեն մնար, տեղական լեզուին եւ քաղաքին անծանօթ ըլլալուն, ու կ’երթան Ուստր հայաշատ կեդրոնը, ուր կար Եկեղեցի, Առաջնորդարան եւն։ Հոս Ապահ, կը սկսի ծանօթանալ իր նոր միջավայրին։ Արաբկիրի նման յետամնաց մէկ անկիւնէն ելլելով մինչեւ Նոր Աշխարհի բազմամարդ ու քաղաքակրթուած ոստանները երթալու պատեհութիւնը, անհամեմատօրէն սքանչացումի ու զարմանքի կ’ենթարկէր հայ եկւորները։ Անոնք անծանօթ տեղւոյն սովորոյթներուն ու բարքերուն տիրող ընկերական պայմաններուն ու կարգուսարքներուն, կը ստիպուէին ատեն մը անգործ թափառիլ պողոտաներու վրայ, եթէ երբէք տեղւոյն վրայ գոյութիւն չունենար եկեղեցի, առաջնորդարան եւն. եւ մինչեւ ապահով գործ մը ճարելը, անոնք ստիպուած էին գոհանալ առժամեայ զբաղումներով։
Ամերիկահայ կեանքը 1890-ական թուականներուն Որպէսզի կարելի ըլլայ բացատրել 1890-ական թուականներուն, ամերիկահայութեան մէջ տիրող ազգային կեանքը, ինչպէս նաեւ նոր ծնունդ առնող Հնչակեանութեան շարժումը, որուն մէջ Ապահ եւս կ’ունենայ իր կարճատեւ այլ կարեւոր բաժինը, յաջորդող էջերուն մէջ, պիտի ջանանք պատկերացնել զանոնք, օգտուելով մասնաւորաբար ժամանակակից տարեգրութիւններէ։ Հայ գաղթականները Ամերիկայի մէջ առաջին առթիւ կը գտնեն գործարաններ եւ գործաւորական կեանք։ Ածուխ ու փոշի, երկաթի պայքար, վիշապի պէս ֆշացող մեքենաներ, բարձրաբերձ ծխնելոյզներ ցցուած ամէն գիւղ ու քաղաք։ Եւ ասոնց մէջ օրական 10-12 ժամ չարաչար ու քրտնաջան աշխատութիւն։ Շատ դառն հիասթափում, կային տակաւին տեղական պայմաններն ու սովորութիւնները, եւ մանաւանդ անգլիերէն լեզու եւ գործ չկրնար գտնելու դժուարութիւնները։ Յետոյ տեղացի Այրիշ (իրլանտացի) գործաւոր դասակարգին ատելութիւնը դէպի հայերը` անել կացութեան մը կը մատնէին նորեկ հայ գաղթականները։ Բնակարանի խնդիրը սոսկալի էր, քաղաքներու է՛ն աժան փողոցներուն հին ու աղտոտ տուներուն մէջ կը ստիպուէին ապրիլ 8-10 եւ երբեմն մինչեւ 20 ընկերներ միասին, քիչեր միայն առանձին կ’ապրէին եւ իրենց միջոցներով կը պատրաստէին կերակուրները։ Հայկական մաքուր ճաշարաններ հազուագիւտ էին։ Շատեր` հաւաքաբար խոհարար մը կը վարձէին, ամսական մարդ գլուխ մէյ մէկ տոլար վճարելով։ Եւ ի՜նչ խոհարար, երկրէն եկող ոեւէ պանդուխտ հայ որ կեանքին մէջ հազիւ կօշկակարութիւն եւ կամ հողագործութիւն
49
ըրած էր, խոհարարութիւն ընել կը պարտաւորուէր, մինչեւ որ կարենար որեւէ գործ մը գտնել։ Գործարաններու մէջ աշխատող հայերը, բնաւ չէին ձգտեր անգլիերէն սորվելու, որովհետեւ անոնք Ամերիկա չէին եկեր երկար մնալու, այլ միմիայն մի քանի տարուան մէջ լաւ դրամ վաստկելու եւ կրկին իրենց հայրենիքը վերադառնալու։ Այն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող հայ գաղթականութեան ամբողջ թիւը կը հաշուուէր ընդամէնը 25 հազար հոգի, որոնցմէ կին կամ ընտանիք ունեցողները հազուագիւտ էին։ Հազար հայ բնակչութիւն ունեցող Ուստր քաղաքին մէջ, մէկ բժիշկ կար որ ընտանիք ունէր։ Հայեր, ընդհանրապէս կը գործէին րըպըրի, բամպակի, բուրդի, երկաթի, կօշիկի եւ այլ գործարաններու մէջ։ Այս գործարաններու շարքին բացառութիւն կը կազմէր Ուստրի հանրածանօթ «Ուայր Միլ»ը, որ բաղդատմամբ միւս գործարաններուն` հայերու աւելի պատեհութիւն եւ աւելի խղճամիտ շաբաթավճարներ կուտար։ Հայերը, տեղացիներուն հետ բաղդատելով, կը ստիպուէին գործել աւելի աժան շաբաթավարձքով։ Պակասով աշխատելու յօժարութիւնը, օրըստօրէ տեղացիներուն ատելութիւնը հրաւիրած էին ընդդէմ հայերուն։ Այս աննպաստ պայմաններուն դիմագրաւելու համար, հայերը ստիպուած էին իրարու մօտ ապրիլ։ Առանց պաշտօնապէս հայրենակցական միութիւններ ունենալու, անոնք հայրենակցական համախմբումներով էին բաժնուած, Խարբերդցիներ, Մալաթիացիներ, Արաբկիրցիներ, Հիւսէյնիկցիներ, Ղույլըցիներ, Քէսիրիկցիներ եւն։ Շատ մը հայեր կը նախընտրէին հաստատուիլ Ուստր որովհետեւ «Ուայր Միլ»ի գործարանատէրները միսիոնարական գործերով հետաքրքրուած ըլլալով, դիւրաւ գործ կուտային իրենց դիմող հայերուն, իբրեւ բողոքական Քրիստոնեաներ։ Այս նպաստաւոր պարագան եւ լեզուի անգիտութիւնն էր որ պատճառ դարձած էր հայերու խուռներամ համախմբումին` Ուստր քաղաքին մէջ, ուր կը գտնուէր արդէն գաղութին մեծ թիւը։ Այնպէս որ Ամերիկա ըսելով շատ մը հայեր կը հասկնային Ուստրը։ Մինչեւ այսօր կ’երեւին այն փողոցները, որոնք սեւցած կղմինտրէ տուներով, կը յիշեցնեն քիչ մը պոլսական խաները, եւ ուր հայ պանդուխտները ապրած են ղարիպի կեանքով, մէկ սենեակի մէջ հաւաքուած, դատած ու շահած են իրենց առաջին տոլարները, զանոնք ղրկելու համար Երկիր։ Շատ չանցած, Ուստրի Մայր Եկեղեցիին պատկանողները պէտքը կը զգան եկեղեցականի մը։ Ամէնքը միացած, կը գրեն Պոլսոյ Յարութիւն Ս. Պատրիարքին։ Պատրիարքը կը ղրկէ իրենց Յովսէփ Վրդ. Սարաճեան։ Ուստրի Մայր Եկեղեցին, որ Ս. Փրկիչ անունը կը կրէ, կը շինուի 1891 թուականին, գործի թաղերէն հեռու
50
բլուրի մը վրայ։ Այս եկեղեցին փայտաշէն է, երկու յարկի վրայ յարկակից սենեակներով` Առաջնորդի բնակութեան համար. վերը բուն եկեղեցին, վարը` նկուղի մէջ, բաւական ընդարձակ ժողովասրահ մը, ուր երբեմն խօսած են հայ յեղափոխական առաջին գործիչները։ Գարեգին Չիթճեան հո՛ն որոտացած է իր առաջին պատգամները։ Հո՛ն է որ Հնչակեանութեան երկու հատուածները իրարու դէմ պայքարած են...։ Գաղթական հայութեան մէջ եկեղեցական հաստատութիւններէն յետոյ, հայրենասիրական ոգին զգալապէս կ’արծարծուի` հայրենիքէն նոր հասած ուսումնական երիտասարդներու շնորհիւ. հետզհետէ գրադարաններ կը հաստատուին, լսարանական ժողովներ կը սարքուին, ու հայրենասիրական միութիւններ կը կազմուին, ինչպէս Նիւ Եորքի «Հայկական Միութիւն»ը եւ «Զինուորական Կաճառ»ը, Ուստրի «Հայկական Կաճառ»ը, Պոսթոնի «Ծաղիկ Հայաստանի»ն, եւ Մոլտընի «Արծիւ Հայաստանի»ն, եւն։ Այս կազմակերպութիւններէն ոմանք, յետոյ կը միանան Հնչակեան Կուսակցութեան ու կը ձուլուին անոր մէջ։ Ամերիկահայ գաղութին մէջ եկեղեցիի հաստատութենէն շատ առաջ հիմնուած էր հայ մամուլը, որուն ռահվիրան ու հայրը ըլլալու պատիւը կը պատկանի ողբ. Հայկակ Էկինեանի։ Էկինեան հրատարակած էր իր անդրանիկ թերթը Արեգակ Սթերլինի մէջ, 1888ին։ Յետոյ յաջորդաբար ան կը հրատարակէ` Նիւ Եորքի մէջ Սուրհանդակը, Ազատութիւնը եւ Տիգրիսը։ Նիւ Եորքի մէջ, 1891ին պահ մը կը հրատարակուէր նաեւ` Տօքթ. Մ. Գաբրիէլեանի Հայքը։
Ամերիկայի Հնչակեանութիւնը Առաջին անգամ Ամերիկայի մէջ ո՞ր քաղաքը բաղդաւորութիւնը ունեցած է Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարը կազմակերպուած ձեւով երեւան դնելու։ Որո՞նք եղած են այն խիզախ ու մեծ հայրենասէր հոգիները, որ արհամարհելով` տիրող պահպանողական մտայնութիւնը, հրապարակ նետուած եւ հիմը դրած են Հնչակեանութեան։ Այս մասին կարծիքները կը տարբերին, տրուած բանաւոր տեղեկութիւնները հաշտ չեն միմեանց հետ, թէ՛ տեղին եւ թէ՛ կազմակերպիչներու մասին։ Ապրողներէն մաս մը կայ որ Նիւ Եորքի կուտայ այդ պատիւը, իսկ ուրիշ մաս մ’ալ` որ Ուստրը կը նկատէ Հնչակեանութեան այս շրջանի օրրանը։ Եւ որովհետեւ երկու կողմերն ալ արձանագրութիւն, ստոյգ թուական չունին, այսինքն` չեն կարող որոշակի ըսել թէ ո՞ր ամսուն եւ ո՞ր մէկ օր տեղի ունեցած է այդ պատմական ակտը, այլ ենթադրութիւններ կան միայն, յարմար կը սեպեմ երկու կողմերու ալ պատմութիւնը ամփոփել հոս ամենայն հարազատութեամբ։
51
Ա. Նիւ Եորք Նիւ Եորքի մէջ Հնչակեան Կուսակցութեան Մասնաճիւղի մը հիմը կը դրուի 1891ին, հիմնադիրներն ըլլալով Գնդունի, Մուրատ Շիրվանեան եւ Օհան Գասպարեան։ Այդ հիմնաւորումը տեղի կ’ունենայ հետեւեալ պարագաներու տակ։ Եւրոպական ցամաքամասին վրայ հրատարակուող հայկական թերթերու հայրենասիրական եւ ազատասիրական հրատարակութիւնները այն ատենուայ Նիւ Եորքի մէջ ապրող կարգ մը հայրենակիցներու սրտերն ալ թունդ կը հանեն։ Հայրենիքին մէջ ապրող դժբաղդներուն օգնելու, հայրենանպաստ աշխատանք կատարելու բուռն բաղձանք մը կը ծնի շատերու մէջ ու այդ ցանկութիւնը գործնական հողի վրայ հաստատելու ազնիւ գաղափարով, մտածումով տոգորուած` կիւրինցիներու նախաձեռնութեամբ` ժողով մը կը գումարուի։ Ժողովի վարիչները, Գնդունի եւ Շիրվանեան, հայրենասէր եւ զարգացած երիտասարդներ, ամէն ջանք կը թափեն որ ապարդիւն չանցնի հաւաքոյթը։ Ժողովի պահուն, Օհան Գասպարեան, գաղափարուած Հնչակեան, եւ դեռ նոր Ամերիկա ժամանած, կրակոտ ճառ մը կը խօսի։ Տպաւորութիւնը ուժեղ կ’ըլլայ։ Երկրորդ ժողով մը տեղի կ’ունենայ շաբաթ մը վերջ։ Այս անգամ խանդավառութիւնը մեծ կ’ըլլայ, երբ ոտքի վրայ իրենց ուխտը կ’արտասանեն հանդիսաւորապէս` Մ. Պալաեան, Ա. Տէրոյեան, Թ. Քիւփէլեան, Յ. Հաճեան, Ս. Ճելալեան, Ս. Օտեան եւ ուրիշներ։ Նորակազմ Հնչակեան Մասնաճիւղի ձայնը ամբողջ Նիւ Եորքի հայութեան լսելի ընել տալու եւ արձագանգը հասցնելու համար հեռաւոր հայաշատ քաղաքները, երկու շաբաթ վերջ հրապարակային ժողով մը կը գումարեն 23րդ փողոցին մէջ։ Հնչակեանութիւնը այլեւս Նիւ Եորքի մէջ խորարմատ ձգած, ուշադրութիւնը կը դարձնէր շրջակայ հայաբնակ քաղաքներուն։
Ուստր 1890 թուականի վերջերը Ամերիկա կը հասնի եւ Մէսէչուսէց նահանգի Ուստր քաղաքը կը հաստատուի` բնիկ արաբկիրցի Յարութիւն Շէքէրճեան իր երկու կրտսեր եղբայրներուն` Բօլի ու Արտաշէսի հետ։ Ուստրը այդ ժամանակ ըլլալով Ամերիկայի ամենամեծ հայաշատ քաղաքը եւ միանգամայն կրօնական կեդրոնավայրը, ազգային կեանքը, շարժումը աւելի շատ շեշտուած էր քան այլուր։ Յ. Շէքէրճեան ինքզինք բաղդաւոր կը զգայ, որ ինկած է այդպիսի միջավայրի մը մէջ` շուտով ի գործ դնելու իր մտածումը։ Ան, իբր ապրուստի միջոց, գործ կը գտնէ` տեղւոյն հեռագրական եւ հեռախօսի թելեր պատրաստող Wire Mill կոչուած աշխատանոցը։ Ուստրի հայութեան այդ ատենուայ գլխաւոր դէմքերը եղած են` Պոլսոյ Պատրիարքի կողմէ ուղարկուած Ամերիկայի հայոց թեմակալ Առաջնորդ` Սարաճեան Յովսէփ վարդապետ եւ Մ. Թօփհանէլեան, որոնք քանի մը
52
համախոհներով գաղութի գործերը ձեռք առած, ուզածնուն պէս կը վարեն։ Երկուքն ալ պահպանողական, աղայամիտ ու ոխերիմ ազատականութեան, ամէն ջանք կը թափեն չէզոքացնել, ամլութեան դատապարտել այն բոլոր ազատախոհ մտքերը, որոնք կը միտին գաղութի հայութեան մտաւոր զարգացման, հայրենասիրական-յեղափոխական խմորումին նպաստել։ Յարութիւն Շէքէրճեան, անսպառ եռանդով լեցուած, բնաւ կարեւորութիւն չ’ընծայեր այդ արգելքներուն, քանի որ ինք սիրելի դարձած էր արդէն մեծամասնութեան, նուիրուած ըլլալով գաղութի մտաւոր զարգացման` իր դասախօսութիւններով, ազգային, քաղաքական ու տնտեսական հարցերու շուրջ։ Երբ ան իր քաղաքական համոզմանց համախոհներու շրջանը մի քիչ կ’ընդլայնէ, որոնց մէջ կարեւորագոյնները կը նկատուին` Կարապետ Մարտիկեան, Վահան Պօյաճեան, Միքայէլ եւ Գրիգոր Տէր Յովհաննէսեան, եւ ուրիշներ, հրապարակ կուգայ Հնչակեան գործիչի լեցուն հանգամանքովը եւ նոյն տարին` տասնէ աւելի ընկերներով, հիմը կը դնէ Հնչակեան Ուստրի Մասնաճիւղին։ Պաշտօնական բացումը Հնչակեան Մասնաճիւղի գործունէութեան, տեղի կ’ունենայ հրապարակային մեծ ժողովով մը, որուն գլխաւոր խօսողները կ’ըլլան Գնդունի (Նիւ Եորքէն պատահաբար ներկայ գտնուելով) եւ Շէքէրճեան։ Ժողովը կը դառնայ պատմական` իր յեղափոխական ոգեւորութիւնով եւ արտակարգ շքեղութիւնովը2։ Այդ պատմական ժողովէն – Ամերիկայի առաջին յեղափոխական կուսակցութեան ու Հնչակեանութեան հիմնաւորումէն անմիջապէս յետոյ կը խորանայ պայքարը ազատականներու եւ պահպանողականներու միջեւ։ Հնչակեաններ ո՛չ միայն մեծ դժուարութեանց կը հանդիպին իրենց բոլոր ձեռնարկներուն մէջ, այլեւ կը հալածուին, եկեղեցւոյ սրահը կը փակուի անոնց առջեւ, հաւաքոյթները խանգարելու փորձերը անպակաս կ’ըլլան։ Միւս կողմէ սակայն նոր ոյժեր – Գարեգին Չիթճեան, Գրիգորեան, Տէրունեան, Բ. Ռուբէն, Պ. Խաղողճեան եւ ուրիշներ կ’աւելնան Հնչակեան շարքերուն վրայ։ Սարաճեան վարդապետ եւ Մ. Թօփհանէլեան թեւերնին սոթտած որպէս ըմբիշներ, կիրքերը կը հրահրեն ու միամիտներու զգացումները կը շահագործեն զանոնք զինելով Հնչակեաններու դէմ։ Այդ ժամանակ գրադարանի ղեկավարները Հնչակեաններ եղած են։ Այս պարագան աւելի մեծ առիթ կուտայ որ կրքոտ հոգիներ իրենց սեւ մաղձը թափեն անոնց վրայ։ Սարաճեան վարդապետ ռումբը կը պայթեցնէ։ Արիւնահեղ կռիւ մը տեղի կ’ունենայ։ Այս արիւնալի եւ անպատուաբեր կռիւը, որ վերջացած է ոստիկանական միջամտութեամբ, սուղի նստած է Սարաճեանի եւ Թօփհանէլեանի վրայ։ Ուստրի հայ գաղութը` Հնչակեան յեղափոխական խմորումներու շրջանին` հետաքրքիր շատ մը պատկերներ ունի, բայց ես անոնց վրայ չեմ յամենար, որովհետեւ ամբողջ գաղութին պատմականը ընել չէ իմ նպատակը, այլ Հնչակեան
53
գործունէութեան կարեւոր աշխատանքներու վրայէն արագօրէն անցնիլ։ Հակառակ ստորերկրեայ դաւերու, յեղափոխական աշխատանքները խափանելու, վիժեցնելու համար, Հնչակեաններ կը խտացնեն իրենց շարքերը եւ ուղղութիւն կուտան գաղութի գործերուն։ Կարապետ Մարտիկեան, Յ. Շէքէրճեան, Մ. Տէր Յովհաննէսեան եւ ուրիշներ գործի վրայ կը տեսնուին։ Հայրենիքի կարօտութեանց նպաստող ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան յաճախ, որոնց մէջ Հնչակեաններ մեծագոյն աշխատանք կը վերցնեն։ Հայաշատ քաղաքներ, Փրավիտէնս, Պոսթոն, Նիւ Եորք, Ֆօլ Րիվըր եւն, Հնչակեան կեանքը կը սկսի խլրտիլ։ Սկզբնական այդ շրջանին, կեդրոնական մարմին գոյութիւն ունեցած չէ – եւ չէր կրնար ունենալ – Հնչակեան շարժումներու ուղղութիւն տուող։ Ուստրի եւ Նիւ Եորքի Հնչակեանները այդ աշխատանքը տարեր են – մասնաւորապէս Յարութիւն Շէքէրճեան – յաճախ այցելելով մօտակայ մասնաճիւղերը եւ անոնց նորանոր գործունէութեանց հրահանգներ տալով։ Այդ կուսակցականները ինչքան որ ձեռներէց ու զոհաբերող եղած են, այնուամենայնիւ անկարող զգացած են իրենք զիրենք` օրէ օր աճող կուսակցական պահանջներուն գոհացում տալու, քանի որ անոնք աշխատանքի ժամերէն վերջ միայն կարող եղած են տրամադրուիլ։ Այսպէս գաղթականութեան հետզհետէ ստուարացումը եւ ցրուածութիւնը հեռաւոր քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հնչակեան յեղափոխական գաղափարներու ծլարձակումն եւ ուռճացումը, հրամայականօրէն կը շեշտեն մասնաւոր գործիչ- պրօպականդիստի մը անյետաձգելի պէտքը։ Ուստրի Մասնաճիւղը, որ տեսակ մը կեդրոնի, առաջնորդողի հանգամանք ունեցած է այդ շրջանին, հարցը լրջօրէն նկատողութեան կ’առնէ։ Միւս կողմէ Նիւ Եորքը եւս նմանօրինակ մտածում մը կ’ունենայ։ Երկրի մէջ արդէն Հնչակեան գործունէութիւնը, յեղափոխական ցոյցերը զգալապէս աճած էին։ Հնչակը ստեղծած էր անսահման ոգեւորութիւն մը։ Երիտասարդութիւնը` յեղափոխական տրամադրութիւններով տոգորուած` կը համախմբուէր Հնչակեան դրօշին տակ` հայրենիքին ազատագրութեան ի խնդիր։ 1892 թուականին, Ուստրի Հնչակեան Մասնաճիւղին անդամները, գլխաւորութեամբ Յ. Շէքէրճեանի, ընդարձակ բացատրական նամակով մը` գործիչպրօպականդիստի մը պահանջը կը ներկայացնեն Աթէնքի Հնչակեան Կեդրոնին։ Այդ պահանջը, Նիւ Եորքի Մասնաճիւղին կրկնումով, փութով ջերմ ընդունելութիւն կը գտնէ։ Երկու ամիս վերջ, Կեդրոնէն կը հասնի հեռագիր մը, որ կ’աւետէ` Նշան Կարապետեանի (Ռուբէն Խան-Ազատի) գործիչ նշանակուիլը եւ շուտով Ամերիկա ուղեւորուիլը։ Խան-Ազատ դեռ Ամերիկա չհասած, Հնչակեան ուժեղ բեմասացներէն, հայրենասիրութեան ու յեղափոխական ոգին աներկիւղ քարոզողներէն էր այնպէս` խարբերդցի, բողոքական համայնքի քարոզիչ, Պատուելի Գարեգին Չիթճեան,
54
որը ընդդիմանալով միսիօնարներու խորհուրդին ու խրատին, արհամարհելով անոնց սպառնալիքները` կրօնական քարոզներէ աւելի յեղափոխական մտքերու տարածման նուիրուած էր։ Մոլտընի եւ Լինի Հնչակեան Մասնաճիւղերը, որ այդ թուականներուն նկատելիօրէն ուժեղ էին, տեսնելով որ միսիօնարները բացէ ի բաց պայքար կը մղեն Հնչակեան գաղափարներու դէմ եւ Չիթճեանի վճարումները դադրեցուցած, կ’առնեն իրենց հովանաւորութեան տակ, ու ատեն մը վերջ կը յաջողին զինք նշանակել տալ Հնչակեան գործիչ, որ այլեւս բոլորովին կը նուիրուի Հնչակեան գործունէութեան տարածման աշխատանքին, իր կողքին ունենալով նոյնպէս Պատուելի Թ. Պաղտասարեան, Կ. Յ. Փափազեան, Ա. Տիրան եւ այլ մտաւորականները։ Յ. Շէքէրճեանի, Գ. Չիթճեանի կարգին, Ուստրի Հնչակեան Մասնաճիւղի ղեկավար կարելի է յիշել նաեւ` Ադիամանցի Կարապետ Կիրակոսեան, մանրավաճառ փոքրիկ խանութպան։ Այսպէս Հնչակեան գաղափարները բոլոր հայաբնակ քաղաքներու մէջ մուտք գործած ու հայրենասէր հոգիները հրապարակ քաշած էր առաւել կամ նուազ չափով, երբ Ռուբէն Խան-Ազատ Ամերիկա կը հասնի 1893 թուականի Յունիսի սկիզբը մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով տեղւոյն հայ հասարակութեան մէջ։
Խան-Ազատ Ամերիկայի մէջ Ռ. Խան-Ազատ Ամերիկա ժամանելուն, առանց Նիւ Եորք կանգ առնելու, կ’երթայ Ուստր, Յարութիւն Շէքէրճեանի մօտ, ուրկէ երկու ամիս վերջ Ս. Էջմիածին կը մեկնի խռովարար Յովսէփ Վարդապետ Սարաճեան, եպիսկոպոսանալու, եւ անկէ ալ ի վերջոյ ուղեւորելու համար` Ատրպատականի թեմակալ Առաջնորդի պաշտօնով։ Ուստրի մէջ երկար չի մնար ան, կ’անցնի Պոսթոն։ Նկատի ունենալով որ Ամերիկայի հայութեան մեծագոյն մասը այդ նահանգին մէջ համախմբուած էր, հոն, իբրեւ կեդրոնավայր Պոսթոնը կ’ընտրէ։ Իրմէ առաջ, 1891ին Շաւարշ Շիշմանեան, Արաբկիրէն Պոսթոն գալով, քանի մը ընկերներու հետ կազմակերպած էր Հնչակեան առաջին մասնաճիւղը, որուն չորս տարի շարունակաբար քարտուղարութիւնը եւ երբեմն ալ գանձապահութիւնը կը վարէ։
Տեսնելու էր, կ’ըսէ [ժամանակակից մը] իր յուշերուն մէջ, թէ ինչպէ՞ս սրահները կը լեցուէին` լսելու համար ազատութեան նոր խօսքը` հռետոր յեղափոխականէն։ Խան-Ազատի բանախօսութիւնները չէին յագեցներ իր ունկնդիրներուն ծարաւը։ Կրակոտ ու փայլող աչքերով, կը խռնուէին իր շուրջը ու մասնակի հարցումներով կ’աշխատէին պարզել Հայաստանի մօտալուտ ազատութեան հետ առընչութիւն ունեցող բոլոր հարցերը։ Այդպէս, անհաւատալիօրէն ծաւալող Հնչակեան պրօպականդը կասեցնելու
55
համար, օրուան հակայեղափոխական տարրերը կ’որոշեն Մինաս Չերազը հրաւիրել (որ այդ օրերուն յատկապէս Ամերիկա եկած էր Շիքակոյի Արուեստահանդէսին մէջ հայ եկեղեցին ներկայացնելու կաթողիկոսին կողմէ), հակառակ բանախօսութիւններ կազմելու։ Չերազ կ’ընդունի այդ հրաւէրը, կը շրջի մի քանի քաղաքներ, բայց անոր բանախօսութիւնները ո՛չ զինքը հրաւիրողներու ցանկալի բնոյթը եւ բովանդակութիւնը կը կրեն, եւ ո՛չ ալ սպասուած արդիւնքը կ’ունենան։ Չերազ, չվարկաբեկուելու համար, կը զգուշանայ բացարձակ կերպով հայկական յեղափոխութեան մասին հակառակ խօսելէ. իր խօսքերուն մէջ, ան փափաք կը յայտնէ միայն որ դիւանագիտական կերպերն ալ չանտեսուին։ Խան-Ազատ, Մէսէչուսէց նահանգի շատ մը ուրիշ քաղաքներու դեռ այցելութիւն չտուած, Պոսթոնէն կ’երթայ Նիւ Եորք, ուր նոյնպէս բազմաթիւ հայութիւն կար եւ ուր գլխաւորաբար կեդրոնացած էին մտաւորականութիւնն ու մեծ առեւտրականները ինչպէս` Կիւլպէնկեան, Գարակէօզեան, Ղազանճեան եւն։ Ասոնց բոլորին գաղափարախօսն էր բժիշկ Գաբրիէլեան, իր Հայք շաբաթաթերթով։ Այդ պատճառաւ Հնչակեան Մասնաճիւղը այնտեղ շատ թոյլ էր։ Երկու շաբաթուայ ընթացքին հո՛ն ալ կազմակերպելով, ան կ’անցնի Ֆիլատելֆիա։ Այստեղի մասնաճիւղը Ապահի հետ առնչութիւն ունենալուն, անոր պիտի անդրադառնանք քիչ մը անդին։ Խան-Ազատ Ֆիլատելֆիայէն կը վերադառնայ Պոսթոն ու քիչ յետոյ կ’ուղեւորի Շիքակօ, ուրտեղ այդ ժամանակ` Ամերիկայի գիւտի 400-ամեակին (1492-1893) առիթով համաշխարհային ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր։ Այդ միջոցին հո՛ն էր Հնչակեանութիւնը Ամերիկա տարածողներէն` Մուրատ Շիրվանեան։ Այնուհետեւ, Խան-Ազատ, մշտական բնակավայր ունենալով Պոսթոնը, շարունակ շրջագայութեան մէջ կ’ըլլայ` Լին, Լովել, Լորենս, Հեվըրհիլ, Ֆիչպուրկ, Ուստր, Ուօնսակէր, Փրավիտէնս, Նիւ Եորք եւն։ Իր շրջած քաղաքներուն մէջ, իբրեւ եռանդուն կուսակցականներ կարելի է յիշատակել, Պոսթոնի մէջ` Շաւարշ Շիշմանեանը, Սարգիս եւ Եփրեմ Կաճառեանները, Լինի մէջ` Վարդը, Լովելի մէջ` Վահէ Գրիգորեանն ու Մըլտօնեանը, Ֆիչպուրկի մէջ` Սմբատ Ռստիկեանը, Հեվըրհիլի մէջ` Արսէն Տամճեանը (Մլեհ), Փրավիտէնսի մէջ` Պահրամեանը, եւ Նիւ Եորքի մէջ` Օհան Գասպարեանն ու Սարկաւագեանը։ Խան-Ազատ Ամերիկա կը մնայ մինչեւ Նոյեմբեր 1894։ Ամբողջ մէկ ու կէս տարուայ միջոցին, ան կը կազմակերպէ 15 Հնչակեան մասնաճիւղեր բազմահարիւր անդամներով, եւ կը հանգանակէ 10 հազար տոլարի պատկառելի գումար մը, որ կ’ուղարկուի` Աթէնքի Հնչակեան Կեդրոնին։ Ուստրէն` Ֆիլատելֆիա Ապահի Ամերիկա հասնելէն, այսինքն 1892ի Յունուարէն մինչեւ նոյն տարւայ Յունիս ամիսը, Ուստր կը գտնուի` Յ. Շէքէրճեանի եւ այլոց մօտ, ուր կ’ապրի
56
գործարանային կեանքը։ Այնտեղ անցուցած քանի մը ամսուայ այդ անորոշ կեանքը, հաճելի չի թուիր իրեն. ան շուտով կը ձանձրանայ։ Միւս կողմէ, Ֆիլատելֆիայի իր Բդունկեան քեռիները, զինք իրենց մօտ կը հրաւիրեն։ Ապահ, 1892 Յունիսին Ուստրէն կ’անցնի Ֆիլատելֆիա, ուր կը գտնուէին Արաբկիրէն հոն ապաստանող իրեն ծանօթ ազգականներն ու բարեկամները։ Անոնց հետ եւ անոնցմով, Ապահ օտարութեան այդ երկրին մէջ ինքզինք կը գտնէ Արաբկիրցիներու մտերմիկ շրջանակի մը մէջ, յիշեցնել տալով իր ծննդավայրը, որմէ բաժնուեր էր այնքան տխուր պայմաններու տակ...։ Ֆիլատելֆիան, Ապահի կ’ընծայէ գործունէութեան ուրիշ միջավայր մը. տեսակ մը երկրորդ Արաբկիր, ուր պատրաստուեր էր յեղափոխական երիտասարդութիւն մը` Շմաւոնի շունչին տակ։ Շմաւոնի հրաշունչ բառերը դեռ կը հնչէին` ծովերէն անդին ապաստանող Ֆիլատելֆիայի Արաբկիրցի այդ գաղթականաց ականջներուն...։ Անոնք, այդ յեղափոխական գաղափարներուն ծառայելով, կ’ուզէին հեռուէն եւս հետեւիլ` երկիր թողած իրենց սիրելիներու տուայտանքին, ու անմեռ պահել իրենց մէջ հայրենասիրութեան եւ վրէժխնդրութեան զգացումը։ Ու Ապահ, զգալով իր մէջ յեղափոխական գործիչի կոչումը, տեղւոյն վրայ կը կազմէ Հնչակեան Մասնաճիւղ մը, ինք դառնալով այդ Մասնաճիւղի ղեկավարը եւ գլխաւոր մղիչ ոյժը։ Երբ Ռուբէն Խան-Ազատ, 1893ի Սեպտեմբերին Նիւ Եորքէն Ֆիլատալֆիա կ’անցնէր, արդէն գործի վրայ եղող ժրաջան Մասնաճիւղի մը ներկայութեան կը գտնէր ինքզինք, շնորհիւ Ապահի թափած ջանքերուն, որով հարկ չի տեսներ հոն շատ մնալու։
Կամաւորներ` Սուրբ Գործին 1894ի Սասնոյ կոտորածէն յետոյ, Հնչակեան ընկերներ, ներշնչուած երկրի յեղափոխական շարժումներէն, եւ լեցուած Սասնոյ կոտորածին վրէժխնդրութեամբ, ազատութեան հաւատքով կը փութան դէպի պարտականութեան դաշտ։ Միւս կողմէ, Խան-Ազատի գործունէութիւնը կը խտացնէ Հնչակեան շարքերը նորանոր ոյժերով, կը ստեղծէ մեծ խանդավառութիւն. այնպէս որ այդ նոր ոյժերը, ինքնաբերաբար կը տրամադրուին ո՛չ միայն տեղւոյն վրայ գործելու, այլ եւ երկիր անցնելու։ Ուրիշ խօսքով, այդ նոր զինուորագրուածները, երկրի Հնչակեան ոյժերուն օգնութիւն հասցնելու համար, նիւթականէ զատ ֆիզիքական ոյժեր եւս շարժման մէջ կը դնեն։ Ապահ, Ֆիլատելֆիայի մէջ կը մնայ ամբողջ մէկ ու կէս տարի, ցերեկները իբր պատահական ապրուստի միջոց շրջիկ պտղավաճառութիւն ընելով (իր քեռորդիներէն պտղավաճառ Յակոբ Բարունակեանի (ծնեալ յ’Արաբկիր` 1863 եւ վախճանեալ ի Գահիրէ` 1897) ձեռքին տակ, իսկ գիշերները տրամադրելով կուսակցական գործին։
57
Այդ քաղաքակիրթ եւ լուսաւորեալ աշխարհը, Ապահի համար դժոխք մը կը թուի ըլլալ։ Երկու տարի հազիւ կը ջանայ մնալ հոն։ Ներքին մագնիսական ոյժ մը զինք դէպի արեւելք կը մղէ։ Այդ անտեսանելի ոյժը` բազմաչարչար ժողովուրդի մը աղեկտուր ձայնն էր...։ Իր խիղճը սաստիկ կը տանջէր։ Ինք այլեւս այդ դժոխային դրութեան մէջ չէր կրնար երկար մնալ...։ 1893 թ. վերջերը, Ապահ երեք ընկերներով կը մեկնի Ամերիկայէն` Հնչակեան Կուսակցութեան Աթէնքի Կեդրոնը երթալու եւ այնտեղէն որոշ հրահանգներ ստանալու համար։ Ան այնքան կլանուած էր կուսակցութեամբ, եւ միեւնոյն ատեն դառնացած Ամերիկայի անորոշ կեանքէն, ու փափաքելով կրկին անգամ նետուիլ գործի դաշտը, կը զոհէ իր հանգիստը, կը զոհէ իր ճղճիմ ապրուստի միջոցը (որ թերեւս կրնար ապագային նախանձելի դիրքերու հասնիլ) եւ 1893ի վերջերը, երեք ընկերներով իր վերջին հրաժեշտը տալով հոն գտնուող իր սիրելիներուն, կը մեկնի Ամերիկայէն Հնչակեան Կուսակցութեան Աթէնքի կեդրոնը երթալու, եւ այնտեղէն որոշ հրահանգներ եւ ուղղութիւններ ստանալու համար։
Դէպի կռուի դաշտ Ապահի ընկերացողներն էին հանգուցեալք` Եղիշէ Ազատեան, Վարոս Եարըմեան եւ Սեդրակ Երամեան, երեքն ալ բնիկ Արաբկիրցի։ Ֆիլատելֆիայէն Գրիգոր Ս. Սեւուկեան (Արաբկիրցի) եւ Նիւ Եորքէն քանի մը Հնչակեան ընկերներ զիրենք մինչեւ շոգենաւ կ’առաջնորդեն։ Գիրկընդխառնումներէն վերջ, Ապահ, բաժանման վերջին համբոյրին հետ, խօսքը ուղղելով ողջերթի եկող ընկերներուն, կ’ըսէ. «Մեր ճամբայէն պէտք է դո՛ւք ալ գաք»։ Ասոր հետ կ’ընէ նաեւ ուրիշ յանձնարարութիւններ` Ֆիլատելֆիայի իր բարեկամներուն եւ Բարունակեաններուն, որոնք իր մօր քեռորդիներն էին։ Արդարեւ, 1895ի Յունուարին, Ապահի կը հետեւին ուրիշներ եւս, որոնցմէ յիշենք` Յակոբ Ժամկոչեան (Ներսէս), Սարգիս Տէր Յովհաննէսեան (Մուշեղ), Պօղոս Շիշմանեան (Շաւարշ), Եփրեմ Կաճառեան (Ռուբէն), Ասատուր Տամկաճեան (Մլեհ), Սարգիս Պալաեան (Քեռի), Նշան Կարապետեան (Խան-Ազատ) եւ ուրիշներ։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Մկրտիչ Փորթուգալեան վախճանեցաւ Մարսիլիա` 27-9-1924ին։ Ծնած էր 1848-ին։ 2. Ոմանք կը կարծեն որ Նիւ Եորքի մէջ Հնչակեան կեանքը կը սկսի Գնդունիի Ուստրէն Նիւ Եորք վերադարձէն յետոյ։
58
ԳԼՈՒԽ Գ. ԿԱՆԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ (1894-1895) Երբոր բացուին դռներն յուսոյ Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ. Չքնաղ երկինս մերս Արմենիոյ, Երբ փայլէ իւր քաղցրիկ օդեր։
Երբոր ծիծառն ի բոյն դառնայ, Երբոր ծառերն հագնին տերեւ, Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա, Աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ։ ՆԱՀԱՊԵՏ ՌՈւՍԻՆԵԱՆ
Ա
Նիւ Եորք-Աթէնք-Կիպրոս-Սուէտիա պահ, երեք ընկերներով Աթէնք կը հասնի 1894ի սկիզբը։ Այդ օրերուն Աւետիս Նազարբէկ ամոլէն զատ, կուսակցութեան Կեդրոնը կը գտնուէին նաեւ Սուրէն Սուրէնեան, Յարութիւն Շէքէրճեան եւ ուրիշներ, այս վերջինը յատկապէս Ամերիկայէն հրաւիրուած էր` խմբագրելու համար Հնչակեան երգիծաթերթ` Ապտակը։ Ասոնք ամէնքն ալ Սասունի ապստամբութեան խնդրով գբաղուած էին։ Ճիշդ այն ժամանակ, երբ Սասունի ապստամբութիւնը կը սաղմնաւորուէր (եւ որ նոյն տարւոյ Մարտին պիտի պայթէր), Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնին մէջ միտք յղացուեր էր` Կիլիկիոյ մէջ եւս գործադուլ եւ ցոյցեր կազմակերպել։ Այդ նպատակով, Կեդրոնը կ’ուզէ գործիչներ ուղարկել Կիլիկիա։ Ապահ եւ իր ճամբու ընկերներէն Եղիշէ Ազատեան, հակառակ որ իրենց նպատակն էր Արաբկիր գտնել իրենց նախկին ընկերները եւ գործել, այսուհանդերձ սիրայօժար յանձն կ’առնեն այդ պարտականութիւնը։ Աւետիս Նազարբէկէ յանձնարարական մը առնելով` Կիլիկիոյ Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչ` Աղասիի
59
ուղղեալ, տրուած հրահանգներուն համաձայն ճամբայ կ’ելլեն Աթէնքէն դէպի Կիպրոս։ Կիպրոսի Լարնագա քաղաքը գտնուող, թունդ Հնչակեաններէն` ժամագործ Յակոբ Յովսէփեանի շնորհիւ, անոնք կը յաջողին, Կիպրոսի առագաստանաւով, բաւական նեղութիւններէ վերջ, ծպտուած Սուէտիոյ ծովեզերքը ելլել։
Ծանօթացում Աղասիի հետ Աղասի (ազնուական ծագումով Կարապետ Թուր-Սարգիսեան) ծնած է Տօրոսի լեռներուն մէջ Հաճըն քաղաքը, 1871 Ապրիլ 16ին։ Երկրորդ զաւակն է Յակոբ էֆէնտի Թուր-Սարգիսեանի, Հաճընի տեղակալութեան արկղակալ (սանտըզ էմինի)։ Պզտիկ տարիքէն Հաճնոյ մէջ իր նախնական կրթութիւնը ստանալէ ու Ս. Թորոս Եկեղեցւոյ Կեդրոնական Վարժարանը աւարտելէ վերջ, 1888ին անցած է Պոլիս ու աշակերտած է այնտեղի Կեդրոնական Վարժարանին, իբր միակ կիլիկեցի սան Միացեալ Ընկերութեան Խնամակալութեան եւ իբր այդ ստացած է «ոսկի խաչ» մը, իրեն ուսուցիչ ունենալով` Օրմանեան եւ Սրուանձտեանց Եպիսկոպոսները։ Խոստմնալից ու յառաջադէմ աշակերտներէն իր դասարանին, ուսումը կը շարունակէ ամբողջ երկու տարի, մինչեւ յեղափոխական գործունէութեան միջամուխ ըլլալը, երբ կը սկսի նուազ մտածել դասերուն վրայ։ 1890ին, Գում Գաբուի դէպքէն վերջ ինքն ալ իբր կասկածելի յեղափոխական, երկու անգամ կը բանտարկուի եւ կ’ազատի շնորհիւ` մեծանուն ազգասէր` Աբիկ էֆէնտի Ունճեանի պաշտպանութեան։ 1891ի աշնան, Կեդրոնականի Դ. դասարանէն կը փախչի Եւրոպա (Ֆրանսա), մահուան դատապարտութեամբ։ 1892ի աշնան կը վերադառնայ Կիլիկիա իբր ընդհանուր ներկայացուցիչ Հնչակեան Կուսակցութեան։ Հազիւ հոն հասած, Պէյրութի մէջ կը ձերբակալուի եւ տասնըհինգ տարի բերդարգելութեան կը դատապարտուի Աքքիայի բանտը։ Ոստիկանի մը հսկողութեամբ Պոլիս կ’ուղարկուի 1893ի սկիզբը, բայց ճանապարհին, Իսկէնտերունի առջեւ կը յաջողի ճողոպրիլ եւ իր հետքը կորսնցնելով, կը մտնէ Կիլիկիա, տարածելու համար յեղափոխական գաղափարները։ Ամենուրեք թափառելէ (ինչպէս` Մարաշ, Այնթապ, Քիլիս, Հալէպ, եւն) ու կազմակերպելէ յետոյ, 1894ի Մայիսին կը վերադառնայ Սուէտիոյ հայ գիւղերուն մօտ, Անտիոքոյ արեւմտեան դիմացը, անկէ մէկ ժամ հեռու, Քէսէճիք ըսուած գիւղը, կէս հայ, կէս թուրք, որ կը գտնուի նախկին Պապեռոնի մօտ` Կարմիր լերան ստորոտը։ Հո՛ս, խօսքը տանք Աղասիի։
Հոն հաւաքած էի, կ’ըսէ Աղասի իր յուշերուն մէջ, 12 հոգինոց խումբ մը, այն մտադրութեամբ որ ոչ միայն արթնցնէի Սուէտիոյ եւ Քէսապի հայ գիւղերը, այլ այդ ծովեզերքներէն ներս բերէի, Թրիէստ գտնուած 5000 շասբօ հրացաններ, զորս գնած էր
60
պեսարապիացի հայ Տիկին Անուշեան, եւ տրամադրած էր Հնչակեան ապիկար Կեդրոնին։ Կեդրոնը զիս ուղարկած ատեն խոստացած էր ուղարկել այդ զէնքերն ու Մարսուան քաղաքի մէջ հաւաքուած 3000 ոսկիները։ Այդ ակնկալութեան մէջն էի, երբ լուր ստացայ Կեդրոնէն որ ուղարկած էին ակնկալածներս։ Իսկէնտէրունի Մասնաճիւղի մէկ ծանօթութեան վրայ, ահա խմբովին մեկնեցայ` Կարմիր լերան անտառախիտ եւ ամայի գագաթներէն դէպի ՊաղԱղբիւր, որ կը գտնուի Պէյլանի դիմացը։ Մութ անտառէն, քանի մը ձայնական նշաններէն վերջ, դուրս եկանք փոքրիկ դաշտի մը մէջ, եւ դէմս կանգնեցան երկու մատղաշ երիտասարդներ, (ինէ մէկ տարեկան փոքրիկ) Կիւզէլիմ գիւղի գիւղապետ ընկերոջ առաջնորդութեամբ։ Այդ երկու երիտասարդներէն մէկուն անունն էր Ապահ Պետրոսեան եւ միւսին Եղիշէ Ազատեան, երկուքն ալ Արաբկիր ծնած եւ դասընկերներ. Ամերիկա փախած, եւ հիմա Ամերիկայէն կուգային` կամաւորներ իրենց ցեղին ազատութեանը համար ուխտած։ Իրենց հետ բերած էին սոսկ նամակ մը Կեդրոնէն, որուն մէջ Աւետիս Նազարբէկ կը գրէր ինձ. «Ահա՛ կ’ուղարկեմ ձեզ երկու այծեր, իրենց ձեռքերուն մէկ մէկ կոտոշներ տաք եւ լեռները ձգէք...»։ Աւետիս Նազարբէկեանցի Յեղափոխական կազմակերպութեան մտայնութիւնը գործադուլ կազմակերպելն էր միայն, աւա՜ղ։ Եւ սակայն յետագային` զգացի եւ տեսայ թէ Պարոն Ապահը այծ մը չէր, անվեհեր առիւծ մը եւ անխարդախ ու անբասիր զինակից մը, որ աւելի արժեց ինձ համար քան 3000 ոսկի։ Եղիշէն, անուշոգի երիտասարդ մը, հազիւ թէ քովս պահեցի ութ օր. ծայրագոյն աստիճանի թոքախտաւոր, Այնթապի ճամբով ուղարկեցի Արաբկիր։ Հազիւ թէ Մալաթիա հասած, մեռած էր եւ ընկերներ թաղած էին զինքը այդ քաղաքին մէջ։ Ապահը, փոքրահասակ ու կրակոտ, մեր խումբին մէջ տեղաւորեցի, քիլիսցի Կէօք-Օղլան Օհաննէսի հրամանին ներքեւ։ Սուէտիոյ լեռներուն մէջ - Քէսէճիք Երկու շաբթուայ զինուորական թափօրով մը, ոգեւորեցինք Սուէտիոյ հայ գիւղերը եւ վերադարձանք Քէսէճիք։ Երկու ամիս օգնութեան ակնկալութեամբ Կեդրոնէն, գրեթէ անօթի անցուցինք, չոր պաշլամայով (տեսակ մը հաստ լաւաշ), վերջ ի վերջոյ, յուսահատ, ստիպուեցայ ցրուել 15 հոգինոց խումբը, դէպի Մարաշ, Այնթապ, Քիլիս, եւ Անտիոք։ Մինակ մնացի Ապահին հետ, որուն վրայ դեռ մեծ կարծիք մը չէի գոյացուցած։ Մեզ հիւրասիրող ընկերը, բժիշկ մը1, որուն այգիին մէջ կ’ապրէինք, լքեց զմեզ, եւ նոյնիսկ վախ ունէինք մատնուելէ։ Ապահին առաջարկեցի իսկոյն, որ թողուր զիս եւ մեկնէր դէպի Այնթապ. խոստացայ տալ իրեն պէտք եղած յանձնարարականները։ Երեք անգամ կրկնեցի իրեն միեւնոյն առաջարկը. - Բարեկամ, ես մահուան դատապարտուած յեղափոխական մըն եմ, երթալիք տեղ մը չունիմ, եթէ ոչ շարունակել ճամբաս դէպի ազգային Ազատութիւնը. դուն ոեւէ կերպով դատապարտուած չես, կրնաս երթալ յԱրաբկիր ու հոն աշխատիլ։ Զարմանալով լսեցի երեք անգամին ալ միեւնոյն պատասխանը.
61
- Քու կողքիդ մինչեւ մահ պիտի կռուիմ, եւ եթէ ինէ առաջ սպաննուիս, դիակիդ վրայ կռուելով պիտի սպաննուիմ։ Անհուն զմայլումով մը գրկեցի զինքը ու համբուրեցի ճակտէն. եւ այդ վայրկեանէն վերջ գտայ անձնուրաց զինակիցս ու եղբայրս։ Եւ միշտ այդպէս մնացինք, հաւատարիմ մեր ուխտին, թէ ի Կիլիկիա, ի Զէյթուն, Լոնտոն, Բարիզ ու Եգիպտոս։ Երբ ութ ամիս վերջ Ջէլլատը (Կարապետ Ղըր-Փանոսեան) եկաւ ու գտաւ զիս, Ապահին հետ կազմեցինք անբաժան երրորդութիւն մը որ խարիսխն եղաւ Զէյթունի ապստամբութեան։ Այս թուէն վերջ, Պարոն Ապահը այլ եւս հասարակ զինուոր մը չէր, այլ ընկերս, հաւատարիմ խորհրդականս, անձնուրաց գործակիցս, հրամանատար մը։ Տիպար կարգապահ մը, անվախ տէռօրիստ մը, մաքուր գործիչ մը։ Երկու շաբաթ անօթի ու ծարաւ պահուեցանք թաւ ու փշոտ մացառներուն մէջ, աղուէսներու ու բորենիներու խոռոչները. ի շնորհս Պօղոս էֆ. Սէֆէրեանի, որ Իտարէի անդամն էր Անտիոքայ կառավարութեան եւ մեր ընկերը, թոքատցի մեծ հայու մը շնորհիւ, ազատեցանք վերահաս դաւադրութենէ մը եւ ապաստանեցանք Սուէտիոյ հայ գիւղերը։ Նախկին ընկերներ, որոնք շահամոլութեան կամ չարամտութեան համար ընկերացած էին, լքեցին զմեզ. բայց նորեր, ճշմարիտ հայրենասէր գիւղապետներ եկան եւ միացան մեզ։ Անոնց նշանաւորներն էին Իզմիրլեան Կարապետ Աղա, Թասլագեան Սարգիս, Պօյաճի Արթին, Շիշման Պօղոս, Ազապեան Խաչեր` աղաներ Խըտըրբէկ գիւղէն, Պապա-Եօղուրտեան, Ղըրըխեան Մովսէս եւ Խալուլեան` Հաճի-Հապիպլի գիւղէն։ Զինուորական պատրաստութիւններ 1893ի աշնան, երբ Աղասի, Մարաշի, Քիլիսի, Այնթապի եւ Հալէպի կողմերը շրջելէ վերջ կուգայ Սուէտիոյ հայ գիւղերը, հայ գիւղացիութիւնը Հնչակեան յեղափոխական գաղափարներով տոգորելու եւ ժողովուրդը զինելու համար, կը տեսնէ որ ժողովուրդին մօտ քիչ թուով հրացաններ կային։ Շնորհիւ նախ իր, ու քիչ յետոյ Ապահի եւս միացած ջանքերուն, 1893ի աշունէն մինչեւ 1894ի վերջերը, Սուէտիոյ հայ գիւղերուն մէջ, մարդ չի մնար որ գոնէ միափող հրացան մը եւ սուր մը չունենայ։ Հայ գիւղացւոց պարտադրուած էր որ երբ ոեւէ՛ հայ անդամակցէր Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, պարտաւոր էր երկու շաբաթ վերջ ունենալ` Ա. Երկփող հրացան մը, Բ. Վեցհարուած մը, 100 փամփուշտով, Գ. Սուր մը, Դ. Երկու քարշ անգլիական վառօդ եւ եօթը քաշ արճիճ։ Հայ գիւղացիները եթէ բաւականաչափ դրամ չունենային` գնելու համար վերոյիշեալ զէնքերը, պէտք էին բերել մետաքս կամ սանտր։ Այդ ապրանքները, Սադովկեցի Օհաննէսի եւ այլ ճարպիկ սուրհանդակներու միջոցաւ կ’ուղարկուէին Հալէպ եւ Լաւոդիկէ, կը վաճառուէին եւ փոխարէնը զէնքեր գնուելով` պարսիկ եւ հրեայ վաճառականներէ, կը բերուէին Սուէտիա։ Այդ զէնքերու գլխաւոր վաճառողն էր Հալէպի անգլիական հիւպատոս` հրեայ եւ արծաթամոլ
62
Պարնհայմ, որ գործի ընկերն էր հալէպցի Շալամ անուն հրեայ եղբայրներուն, եւ որոնցմէ մին ըրած էր նաեւ անգլիական հիւպատոսարանի իր թարգմանը։ Պարսիկ վաճառական մ’ալ իրենց շահակիցն էր որ պատասխանատուութիւնը իր վրայ առնող մահմետականն էր, իսկ ինքը, հիւպատոսը, դրամը գանձողը։ Հրացանները կուգային Ֆրանսայի Սէնթ-Էթիէն քաղաքի զինարաններէն. վեցհարուածները աւստրիական ղարադաղներ էին։ Այդ օրերու առուծախին շնորհիւ, անգլիական հիւպատոսը երկու տարուան մէջ ծախած էր` մօտ 80 հազար ոսկիի հրազէն` Հալէպի նահանգին մէջ։ Շալամները նոյնպէս մեծ հարստութիւն դիզած են այդ զէնքերէն2։
Քէսէճիքէն` Հաճի Հապիպլի Այդ օրերուն, երբ Անտիոքի հայ գիւղերուն մէջ եւս սկսեր էր տարածուիլ Հնչակեան յեղափոխական գաղափարները, շնորհիւ, նախապէս Աղասիի ու յետոյ Ապահի եւ այլոց ջանքերուն, ազգային դաստիարակութենէ եւ գիտակցութենէ զրկուած այդ շրջանի հայ գիւղացիք կը խլրտին, կ’ոգեւորուին, կը զինուին եւ շնորհիւ դարձեալ յեղափոխական գործիչներու այդ հոգեկան եւ ռազմական պատրաստութեանց է որ ի վերջոյ կը յանգին Չօք Մարզուանի եւ աւելի ուշ, 1915ի Սուէտեան յեղափոխութեան ուր Սուէտիացի քաջեր կարողացան յաղթականօրէն դիմադրել, որը առիթ պիտի ստեղծէր օտարազգի Ֆրանց Վէրֆէլներու, կերտելու համար իրենց անմահ բանահիւսութիւնները Մուսա Տաղի վրայ հայ քաջերու կողմէ պայթեցուած այդ քառասնօրեայ պատուաբեր շարժումին։ Այստեղ մէջբերում մը ընելով, այդ օրերուն գրուած` Ապահի անտիպ «յիշատակներ»էն, կը փափաքինք ցոյց տալ այն ազդեցութիւնը որ գործած էր` յեղափախական քարոզներու տարածումը, Սուէտիոյ հայ գիւղացւոց վրայ։
1894 տարւոյ Յուլիսի սկիզբն էր։ Այլեւս հասած էր ժամանակը որ Հնչակեան յեղափոխական խումբի անդամները իրենց պատմական թաքստոցները թողլով, ծպտեալ վիճակի մէջ հայկական գիւղերը բնակէին։ Մուսա Լերան հայ գիւղացիները, արտասուաթոր աչքերով կ’աղաչէին յեղափոխական պետերուն թէ - «Ալ բաւակա՛ն է որ այսքան երկար ամիսներ մեր այս հիւրընկալ լեռներու խոռոչներուն, մութ ու խոնաւ քարանձաւներուն, մացառներուն ու շնագայլերու նեխած որջերուն մէջ բնակիք։ Ա՛լ բաւական է, կ’ըսէին, վերջինին փաթթուելով, ա՛լ հերիք է որ այսքան երկար ամիսներ ձեր վերմակները մեր երկնքի բաց կամարը, մահճակալնիդ մեր խոնաւ հողը, ու բարձերնիդ ձեր մահաբոյր հրացաններու բուները լինին։ Դո՛ւք, մեր երկրի չարքաշ ու անձնուրաց յեղափոխական առաքեալները եղաք։ Այս պատմական լեռները, որոնց կողերուն վրայ անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր ապրած ենք ու կ’ապրինք, անարժան զաւակներն ենք եղած, հակառակ Մուսա Տաղի պատմական անուան։ Սակայն մեղաւորները մենք չենք, այլ մեր հայրերը, նախահայրերը, եւ մանաւա՛նդ` մեր ազգային պաշտօնական աթոռները իրարու ձեռքէ խլող լուսամիտ կոչուած առաջնորդները, այո՛, անոնք որ զմեզ աչքի ետեւ
63
թողած, միշտ անհովիւ պահելով, լոյսէ ու կրթութենէ զուրկ, ստրուկ կոյրեր ենք մնացած։ Մուսայի այս բարձր կատարներէն դարեր սահեր են եւ ահա՛ առաջին անգամն է որ մեր լեռները կը տեսնեն հայ մարտիկներու խումբեր, ու կը լսեն անոնց կրած պաշտելի զէնքերուն փոթորկացնող արձագանգները։ Ձեզմով, մեր լեռները ինչպէս նաեւ անոնց կողերուն վրայ ապրող հայ ժողովուրդը, նոր դարագլուխ մը կ’ողջունեն։ Ուրա՛խ ենք եւ երջանիկ որ ձեր յեղափոխական անկեղծ քարոզներով եւ գործնական կեանքով, մեզի սի՛րտ տուիք, յո՛յս տուիք, հաւա՛տք ներշնչեցիք, ատելութիւններն ու անիրաւութիւնները ջնջեցիք, մէկ խօսքով սէր եւ միութի՛ւն սփռեցիք...։ Ձեր ցանած սերմերը հազարապատկուած ու հասունցած են. օ՛ն, եկէ՛ք մեր աղքատիկ խրճիթներուն մէջ, մեր սրտերուն մօտը, մեր աչքերուն առջեւ, եկէ՛ք, մօտէն թող տեսնեն ձեզ մեր մատաղ զաւակներն եւս, որպէսզի անոնք ալ կրթուին ու մարզուին եւ օր մը մեր այս լեռներուն արժանի զաւակներն լինին։ Ահա՛, այսպէս կը վերջանար` երամ-երամ խմբավայրը դիմող, եւ հայ համայնքին բոլոր տարրերը ներկայացնող, գիւղացի աղբրտանց սրտաբուխ խօսքերը։ Արդարեւ, դէպքերը, շարժումներն ու գործնական փորձերը կուգային ապացուցանել թէ ստրկամիտ գիւղացին հիմնովին փոխուած էր, ինքնաճանաչութեան գիտակցութիւնը եւ հայրենասիրութեան բոցը իր մէջ արմատ գտած ըլլալով անհրաժեշտ էր այլեւս անոր մէջ ապրիլ, անոր մէջ գործել եւ այդ ոյժերը կարգապահ բանակի մը վերածել։ Օրը տարաժամանած էր երբ խումբին սուրհանդակին երեք անգամ կրկնուած խորհրդաւոր ձայնը լսուեցաւ։ Քանի մը վայրկեանին, ահա՛, հռչակաւորն Ղայփախն է որ կը ներկայանայ ու փութկոտ շարժումներով կը սկսի մարմնոյն զանազան կողմերը պահած նամակները դուրս թափել ու ինքզինք արդարացնելու ճիգով մը ըսել. «Թէեւ պատուիրուերաւ որ այս նամակները կայծակի արագութեամբ ձեզի հասցնեմ, սակայն ճանապարհին ստիպուեցայ երեք-չորս տեղեր կենալով նամազս ընել, ահա՛ այս պատճառաւ ուշացած ըլլալուս կը ներէք ինձ...։» Խումբին երկու պետերը (Աղասի եւ Ապահ), առանձնացած, երկար խորհրդակցութենէ մը յետոյ, կ’որոշեն առժամաբար իրենց Կեդրոնավայր ընտրել` գիւղախմբերէն` ՀաճիՀապիպլի գիւղին եկեղեցւոյն մօտիկ երկյարկանի տունը Պապա-Եօղուրտեաններու ասպնջական օճախը, իսկ իրենց հայ մարտիկները տեղաւորել` անոր շուրջ գտնուած տուներուն մէջ։ Պետերուն համար ընտրուած բնակարանին երկրորդ յարկի պատուհաններէն կարելի էր դիտել ամբողջ գիւղը եւ շրջակայ հեռաւոր վայրերը...։ Կարմիր «Պատարագ»-ը։ Շարունակութիւն` Ապահի «յիշատակներ»-էն Անցա՜ն օրեր։ Ցերեկ ժամանակ ամէն ոք իր գործին ու աշխատանքին ետեւէն էր, կարծես գիւղին (Հաճը Հապիպլի) մէջ ո՛չ մի դէպք եւ ո՛չ մի փոփոխութիւն եղած ըլլար, որովհետեւ, յեղափոխական պետերուն կողմէ դրուած օրուան պահանջքը այնպէս կը հրամայէր։ Իսկ գիշերները, այն խորհրդաւոր լռութեան եւ մթութեան մէջ, տարբեր կեանք մը, տարբեր գործունէութիւն մը կը վերսկսէր։ Գիշերուան շրջիկ պահակախումբը արդէն իր նոր հրահանգները ստացած, ամէն մէկը իր դերին մէջ կը գտնուէր։ Մինչ անդին, եկեղեցւոյ չորս թանձր պատերուն մէջ տարբեր տեսարան մը կը պարզուէր...։
64
Երանելի սրբոց եւ մարգարէից տօնախմբութեան օրը չէ՛ր, եւ ո՛չ իսկ Ճրագալոյցի գիշերը, սակայն եկեղեցին շքեղօրէն լուսազարդուած ու խորհրդաւոր լռութեան մէջ, պատկառելի տեսք մ’էր առած։ Եկեղեցւոյ խորանին առջեւ, կարմիր ծածկոցով սեղանի մը վրայ, խնամքով, խաչաձեւ դրուած էին երկու սուրեր, անոնց մէջտեղէն դաշոյն մ’երկարած, դաշոյնին քով գրաբար հին Աւետարան մը, անոր վրայ Սրբութեան սկիհը եւ սկիհին մօտ վեցհարուածեան մը...։ Յեղափոխական հաւատացեալներուն հանդիսաւոր մկրտութեանը նախատօնանքի գիշերն էր այն...։ Սեղանին աջ ու ձախ կողմերը կեցած էին յեղափոխական երկու առաջնորդները (Աղասի եւ Ապահ), իսկ անոնց դիմաց, երկիւղածօրէն շարուած էին զինուորուողներու բազմութիւնը։ Եկեղեցին համակ ամենախոր լռութեան մէջ էր թաղուած եւ մէկը չէր համարձակեր այս խորհրդաւոր լռութիւնը խանգարել. միայն հոն պլպլացող մոմերուն մեղմ ճարճատիւնները կ’իմացուէին։ Ներկաները տեսարանին ահաւորութենէն ազդուած, սրտերնուն մէջ դող, իսկ երակներնուն մէջէն սարսուռ մը կ’անցնէր։ Լարուած ուշադրութեամբ, նայուածքնին անգամ մը սեղանին կ’ուղղէին, անգամ մը անզգալաբար միմեանց կը հանդիպէին...։ Մինչ այս «Խորհուրդ խորին»ի վայրկեաններուն մէջն էին, երբ յանկարծ, յեղափոխական պետերէն Ապահ, դանդաղ քայլերով առաջ անցած, խրոխտ դիրքով մը, ներկաներուն գոչեց, ըսելով - «Ահի՛ւ կացցուք, երկիւղի՛ւ կացցուք, բարւո՛վ կացցուք եւ նայեցարո՛ւք զգուշութեամբ»։ Այս աղօթքը, ըսաւ, ամէն կիւրակէ օր պատարագի ժամանակ կ’երգուի եւ դուք ալ հաւատացեալի ջերմեռանդ սրտով ձայնակցելով կ’աղօթէք, գիտնալով որ ճիշտ այդ վայրկեանին Աստուծոյ հոգին տաճարին մէջ կը սաւառնի։ Արդ, Աստուծոյ ներկայութիւնը ազդարարող այս յայտարար նշա՛նը կը կրկնեմ ձեզի, որովհետեւ եկած էք հոս, ողջակէզ Հայաստանի սեղանին առաջ պատարագներու սրբազնագոյնը կատարելու։ Այո՛, ո՛չ միայն ձեր սրտերը նուիրելու եկած էք, այլ եւ անձերնիդ։ Ճիշտ այս պահուն ուր Հայաստանի Աստուածը ներկայ է այս սրբութեան տաճարին մէջ, ուխտեցէ՛ք հաւատարմաբար ծառայել ձեր ազգին ու կրօնքին, ձեր հայրենիքին ու ձեր եկեղեցիին, մինչեւ իսկ ձեր արիւնը տալու գնով, հաւատարիմ մնալ ձեր խոստման...։ Ապա, կարգով կուգան ու կ’անցնին նորագիր «զինուորագրեալ»ները, իւրաքանչիւրը բարձրաձայն կարդալով իր ուխտը։ Ինչպիսի՜ յուզիչ տեսարան, ինչպիսի՜ ոգեւորութիւն այդ լեռնցի հայորդիներու մօտ, միամի՛տ հաւատք, մաքո՛ւր հայրենասիրութիւն, որ սակայն, մինչեւ այդ օրը, կապտեր ու շղթայեր էին դարերու ստրուկ կենցաղը եւ կեղեքումները...։ Ու այսպէս, Ապահ, Հաճի Հապիպլի կը մնայ ամբողջ երկու ամիս։
Կրկին ուղեւորում Աթէնք 1894 Հոկտեմբերի սկիզբը, հարկ կը տեսնուի որ Ապահ ուղարկուի Աթէնք, Հնչակեան Կեդրոնին մօտ, որպէսզի անձամբ Կիլիկիա տանէր խոստացուած դրամներն ու զէնքերը։ Այն ժամանակ, հինգ հազար հրացանները, հինգ հազար նարնջի պէս կարող էին գաղտնաբար երկիր մտցնել, շնորհիւ ձեռք առնուած միջոցներու։
65
Ձմեռնամուտի այդ շրջանին, Ապահ, մակոյկով, Սադովկեցիի մը կամ Թաթի մը (Սուէտիոյ ֆէլլահներուն տրուած անունն է հայ գիւղացիներու կողմէ) ընկերակցութեամբ` որ տէրն էր նաւակին, կը մեկնի Կիպրոս։ Ի՜նչ սխրալի նաւագնացութիւն..., վտա՛նգ` փոթորիկէն, վտա՛նգ` թուրք մարտանաւերէն եւ վտա՛նգ` Կիպրոս կարենալ առանց անցագրի մտնելէն։ Սակայն, «Զոր Տէրն պահէ, գայլը չ’ուտեր» կ’ըսէ առածը, եւ ան կը յաջողի կատարել իր ձեռնարկը։ 10,000 հրացաններու խնդիրը Ապահ որ հիմա Աթէնք կ’երթար, զէնք եւ դրամ տանելու Կիլիկիա, հիմնուած էր այն խոստման վրայ, որուն համեմատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնի տրամադրութեան տակ դրուած էր մեծաքանակ զէնքեր եւ հանգանակուած դրամներ` յեղափոխական գործին յատկացուելու նպատակաւ։ Նախ բացատրենք տասը հազար հրացաններու խնդիրը։
1891ի վերջերը, կը գրէ Ռուբէն Խան-Ազատ իր յուշերուն մէջ, երբ Աթէնք կը գտնուէի, Ժընէվէն նամակ ստացայ, որով ընկերներս կը հարցնէին թէ կարո՞ղ էի միջոցներ գտնել, եւրոպական ոեւէ նաւահանգիստէ` մեծ քանակութեամբ հրացաններ տեղափոխել` գաղտնի միջոցներով Տաճկաստան մտցնելու նպատակով։ Խնդիրը կը դառնար, Օտէսայի մէջ, Տիկին Անուշի խոստացած հրացաններու շուրջ։ Ես եւ Խուշպուլեանը Տիկ. Անուշէ խօսք առած էինք, իր խոստացած 10,000 հրացանները տալու Հ. Յ. Դաշնակցութեան, անոր բացատրած ըլլալով միաժամանակ որ Հնչակեան Կուսակցութիւնը նոյնպէս միացած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Իսկ մեր Ժընէվ երթալէն յետոյ, երբ որոշուեցաւ քանդել կայացուած միութիւնը, մենք ամէն տեղ, ինչպէս եւ Օտէսա յայտնեցինք այդ մասին։ Այդ համաձայնութիւնը չեղեալ նկատուելէն յետոյ, Տիկ. Անուշի առաջ այն հարցն էր դրուեր, թէ որո՞ւ պէտք էր տալ հրացանները, Հ. Յ. Դաշնակցութեան թէ Հնչակեաններուն։ Այնուհետեւ, Տիկ. Անուշ` Արթիւր Օհանջանեանը կ’ուղարկէ Լոնտոն, Մինաս Չերազէ ստուգելու թէ արդեօք հնարաւո՞ր է Պէնտիր Պուշիրէն զէնք տեղափոխել Վան եւ կամ Թուրքիա։ Չերազ կ’ըսէ ա՛յն ինչ որ ըսած էր Օհանջանեան։ Նախ քան Լոնտոն երթալը, Արթիւր Օհանջանեան այդ խնդրի շուրջ տեղի ունեցած անցուդարձի մասին գրած էր Ժընէվ եւ ընկերներուն հարցուցած թէ արդեօք Հնչակեանները կարո՞ղ են եւ ունի՞ն աւելի լաւ եւ ապահով միջոցներ զէնքերը յաջողութեամբ տեղ հասցնելու համար։ Օհանջանեանի այդ հարցումին հետեւանքովն էր ահա՛, որ Ժընէվէն Աթէնք ինձ հաղորդեր էին։ Ես անմիջապէս դիմեցի յունական կառավարութեան ներքին գործոց պաշտօնատար Վուլգարիսին, որը ինձ բացատրեց թէ առագաստանաւեր ունեցող յայտնի մաքսանենգներ կան Բիրէայի մէջ, որոնք շատ դիւրութեամբ կարող են զէնքերը Մարսէյլէն կամ Թրիէստէն փոխադրել` յունական անմարդաբնակ փոքրիկ կղզիներէն ոեւէ մէկուն ափերը` եւ այնտեղէն ալ Կիլիկիա, ուրտեղ մաքսանենգները շատ լաւ ծանօթութիւն ունին։
66
Միայն թէ, - աւելցուց Վուլգարիս, - դուք մարդիկ պէտք է ունենաք այդ կողմերը զէնքերը ստանալու, միաժամանակ լաւ վարձատրելով մաքսանենգները։ Այդ դէպքէն անցեր էր աւելի քան մէկ տարի։ Կրքերը խաղաղեր, հանգստացեր էին։ Զաւարեանն ու Միքայէլեանն ալ, իրենց աքսորի ժամանակը լրացնելով, Թիֆլիս վերադարձեր էին։ Տիկ. Անուշը ինձ յայտնեց թէ, 10,000 հրացանները (աւստրիական հին սիստէմի) արկղներու մէջ շարուած, պահ դրուած են Թրիէստի նաւահանգիստը, եւ թէ Օհանջանեանն ալ Թրիէստ կը գտնուի։ Անմիջապէս նամակ գրեց Օհանջանեանին եւ հարիւր ռուբլի ալ դրամ տուաւ ինձ, որ Թրիէստ երթամ, միասին կարգադրելու զէնքերու փոխադրութեան խնդիրը։ Թրիէստի մէջ կարգադրուելիք բան չկար. զէնքերու փոխադրութեան գործը պիտի կարգադրուէր Աթէնքի մէջ. բայց էականը այն էր, որ Տիկ. Անուշը լիազօրութիւն տուած էր Օհանջանեանին` զէնքերը Հնչակեան Կուսակցութեան յանձնելու։ Թրիէստի մէջ մի քանի օր մնալէ յետոյ վերադարձայ Աթէնք, եւ պատմեցի տարած յաղթանակս։ Այդտեղ մենք որոշեցինք զէնքերը առ այժմ տեղափոխել Կիպրոս, ուրկէ աւելի դիւրին պիտի ըլլար զանոնք Ալեքսանտրէթի կամ Մերսինի կողմերը տեղափոխել։ Այժմ անհրաժեշտ էր Կիպրոսի մէջ ապահով թաքստոց մը պատրաստել։ Ես մեկնեցայ Կիպրոս 1892ի Դեկտեմբերին։ Կիպրոսի Լարնաքա քաղաքին մէջ, թունդ Հնչակեան ընկեր մը ունէինք, Յակոբ Յովսէփեան, արհեստով ժամագործ։ Կիպրոս հասնելով, այդ ժամագործին ներկայացայ։ Ան ինձ բացատրեց, որ Կիպրոսի գլխաւոր քաղաք` Նիկոսիայէն մէկ-երկու ժամուան հեռաւորութեան վրայ, անտառաշատ լեռներու մէջ, հինաւուրց վանք մը կայ, Սուրբ Մարկոս անունով, որը կարող է շատ ապահով պահեստի տեղ ծառայել։ Հարկաւոր էր միայն վանահօր հետ տեսնուիլ, ու անոր յօժարութիւնն ստանալ։ Ուղղուեցայ Նիկոսիա եւ այնտեղէն ալ վանքը. տեսնուեցայ որու հետ որ հարկ էր, ամէն ինչ յաջողութեամբ կարգադրեցի ու վերադարձայ Աթէնք` 1893ի Յունուարին։ Վուլգարիսի միջոցաւ բանակցութիւնը սկսաւ յոյն մաքսանենգներու հետ, բայց անոնք այնպիսի խոշոր գումար պահանջեցին` զէնքերը մինչեւ Կիպրոս տեղափոխելու համար, որ միանգամայն վեր էր մեր կուսակցութեան ուժերէն։ Որոշեցինք Օհանջանեանի միջոցաւ դիմել Տիկ. Անուշին եւ խնդրել, որ զէնքերու փոխադրութեան համար պահանջուող գումարին մէկ մասը գոնէ ինք վճարէ։ Թէ ինչո՞վ եւ ինչպէ՞ս վերջացաւ այդ բանակցութիւնը, չեմ յիշեր, որովհետեւ 1893ի Մարտին, դեռ Տիկ. Անուշէ վերջնական պատասխան չստացած, ես ձգեցի Աթէնքը եւ ուղեւորուեցայ դէպի Ամերիկա։ Ի՞նչ եղան եւ կամ ո՞ւր մնացին պատմութեանս առարկայ հրացանները, նոյնպէս լաւ չեմ յիշեր, թէեւ յետոյ ինձ պատմեր են բոլոր մանրամասնութիւնները։ Բայց այսքանը լաւ գիտեմ միայն, որ այդ զէնքերէն եւ ոչ մէկը մտաւ Հայաստան3։ Այս անցուդարձերէն յետոյ, երբ Ապահ 1894ի Հոկտեմբերին Աթէնք կը հասնէր` հետապնդելու եւ խոստացուած զէնքերուն գոնէ կէսը ձեռք ձգելու
67
նպատակով, ինքզինք կը գտնէր անլուծելի դժուարութեանց առջեւ։ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնը, մատնութեանց եւ այլ պատճառներու բերմամբ, կը ստիպուէր նոյն տարւոյ Օգոստոսին թողուլ Աթէնքը եւ տեղափոխուիլ Լոնտոն։ Հետեւաբար կուսակցութեան մամուլը, խմբագրական եւ գրաշարական կազմը մեկներ էին այդ օրերուն, տեղւոյն վրայ պահելով քանի մը հոգի, որոնց միջոցաւ կարելի պիտի չըլլար գլուխ հանել առաջադրուած ձեռնարկը։ Այսուհանդերձ Ապահ գացեր էր այն բոլոր տեղերէն զոր իր նախորդը` Ռուբէն Խան-Ազատ անցեր էր, բախած էր բոլոր դռները, տեսնուած էր հո՛ն ուր պէտք էր, եւն։ Ամէն ջանք անօգուտ եղած էր։ Իր Աթէնք գտնուած միջոցին, Ապահ կ’իջեւանի Արմտանցի Կոկանեաններու հիւրընկալ բնակարանը, որ ինչպէս իրեն, նոյնպէս այն ատենուայ բոլոր անցորդ յեղափոխականներու թաքստոցն ու ապաստանարանն էր եղած։ Տան տիրուհին, հալէպցի Տիկին Մարիամ Կոկանեան (ծնեալ Մէրճանեան) (1850-1908), հայրենասէր հայուհի մը, նախապէս Պոլսոյ, ապա Աթէնքի մէջ, քանիցս իր եւ իրեններուն կեանքերը վտանգած էր, կորսնցնելու համար հետքերը իր մօտ ապաստան գտնող յեղափոխականներու։ Ապահ, կարճատեւ շրջանի մը համար, Կոկանեաններուն մօտ կը գտնէ գուրգուրոտ խնամք եւ հոգածութիւն4։ Ապա, ձեռնունայն, ան կ’անցնի Կիպրոս, եւ իր կազմակերպական տկար միջոցներով, ապաւինելով տեղւոյն սակաւաթիւ այլ որակով բարձր կուսակցական ուժերու վրայ, այս անգամ կը յաջողի ձեռք բերել բաւական հրանիւթ, 10ի չափ զինուորական զէնքեր եւ ուժանակ (պօմպա), ինչպէս նաեւ կազմել` հայրենասէր հայորդիներէ բաղկացեալ կամաւորական փոքրիկ խումբ մը։ Կիպրոսի մէջ, Ապահ, ապաստան եւ օժանդակութիւն կը գտնէ մասնաւորաբար հետեւեալ ազգայիններէն, անձնուրաց դէմքեր, որոնց զոհողութեան կը պարտին մասամբ յետագային Կիլիկիոյ ապստամբութեան եւ ինքնապաշտպանութեան յաջողութիւնները։ Նիկոսիայի մէջ անձնուրաց Տիկին Յուլիանէ Կիւզէլեան (ծնեալ Երամեան)5 եւ իր ամուսինը` Պ. Աբգար. Պ. Պապիկեան` թարգմանը Կիպրոսի անգլիական կուսակալին. Լարնագայի մէջ` ժամագործ Յակոբ Յովսէփեան. անգլիական բանակէն` հայազգի հարիւրապետ Յակոբ Էֆ. Եսայեան. Երեմիա Եսայեան. Երեմիա Եսայեանի տիկինը` Վառվառ (ծնեալ Յովհաննէսեան). ոստիկաններ` Արաբկիրցի Կիւրեղեան (կամ Ժիրայր), Հաճընցի Նիկողոս Թուր-Սարգիսեան (կամ Պաթման Ղըլըճ) եւն։ Նոր «Ուխտաւոր»-ներ Այդ օրերուն, երբ եւրոպական քննիչ յանձնախումբը Սասունի ապստամբութեան ու կոտորածներու հանգամանքները կը քննէր եւ Պոլսոյ երեք դեսպանները «Բարենորոգում»ներու ծրագիրը կը մշակէին, Կիլիկիայէն, Ապահ եւ
68
Աղասի, Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնին կ’առաջարկեն` փոխան գործադուլի եւ ցոյցերու, Կիլիկիոյ մէջ յառաջացնել համազգային մեծ ապստամբութիւն մը, այդ շարժումը սկսելով նախապէս` անառիկ Զէյթունէն։ Այդպէսով, մինչ Կիլիկիան ծրագրուած յեղափոխութեան մը գաղափարը փութոյ պնդութեամբ յառաջ կը տարուէր երկրին մէջ կամ տեղւոյն վրայ, Կուսակցութեան Լոնտոնի Կեդրոնէն կոչ կ’ուղղուի Ամերիկայի մասնաճիւղերուն, որ այդտեղէն ալ լաւ կռուող ուժեր եւ գիտակից ու պատրաստուած գործիչներ ուղարկուին գործին վայրը։ Այդ կոչէն կ’արտատպենք հետեւեալ մասը. Անցեալ շաբաթներում մեր մասնաճիւղերն հանգանակութիւն բացին ի նպաստ Զէյթունի, համակիրներու օժանդակութեամբ երկու հազար տոլարի չափ գոյացաւ ու ղրկուեցաւ։ Տեսնելով թէ, ահագին պէտքին առջեւ շատ ոչինչ է այդ գումարը, մեր խիղճը ստիպեց զմեզ որ հանգանակութիւնները կրկնենք։ Նաեւ պարտական զգացինք, յանուն Զէյթունի բախել ամէն հայրենասէրի սրտի դուռը, գիտնալով թէ ամէնուն համար նուիրական է սոյն ձեռնարկը։ Այսու շրջաբերականաւ ամէն հայրենասէրի ձեռնտուութիւնը եւ աջակցութիւնը կը խնդրենք, որով կարող ըլլանք մի զգալի ոյժ ղրկել ի Զէյթուն։ Գիտնալով թէ Զէյթունի ապստամբութեան նախաձեռնարկ եղած է Հնչակեան Կուսակցութիւնը – բան մը զոր անոր հակառակորդներն իսկ չհերքեցին – բնական է որ մեր նպաստն անոր ձեռամբ ղրկենք։ Յեղափոխական նպատակաւ գնալ ցանկացողների մասին շրջաբերական ղրկած ենք մասնաճիւղերին, նոքա որք յեղափոխական ասպարէզում մասնաւոր դեր կատարելու կոչումն կը զգան, կրնան դիմել` կամ տեղական մասնաճիւղին կամ գործադիր յանձնախումբի հասցէին։ Այս կոչը անարձագանգ չի մնար. զանազան քաղաքներէ, առանձին խումբերով, Լոնտոն կ’երթան մօտ 15-20 հոգի։ Այդ միջոցներուն, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած միթինկներէն ո՛չ նուազ ոգեւորիչ երեւոյթ էր` Ամերիկայէն այդ երիտասարդ խումբերուն հոն երեւումը։ Անոնք բոլորն ալ Ամերիկայէն կուգային, իրենց սեփական ծախքով ու զէնքով (իւրաքանչիւրը մէկ կամ երկու ատրճանակով)։ Կեդրոնէն այնպէս յայտարարուած էր որ յեղափոխական գործունէութեան նպատակով իբր կամաւոր մեկնողները պարտաւոր են իրենց սեփական միջոցներով երթալ։ Շատ մեծ բացառութեամբ միայն Կեդրոնէն ճանապարհածախս կը տրուէր։ Ամերիկայէն եկող խմբերէն իւրաքանչիւրը 10-15 օր Լոնտոն մնալէ եւ հրահանգներ ստանալէ յետոյ, կը մեկնէին Կիպրոս կղզին, ու այնտեղէն ալ մաս առ մաս կ’անցնէին Կիլիկիա։ Հոս միջանկեալ կերպով ըսենք (օգտուելով Սուրէն Սուրէնեանի յուշերէն) թէ այս տղաքը ընդհանուր առմամբ յեղափոխական գոհարներ էին, այնքան
69
պարզամիտ` որքան մանուկ մը, ու այնքան հաւատաւոր` որքան հին դարերու վանական մը, ամէնքն ալ իրենց մնայուն գործերը թողած, իրենց իսկ ծախսով վազած, իրար կանխել աշխատելով հեռացած էին, օր առաջ Երկիր երթալու ըղձանքէն մղուած։ Չէ՞ մի որ Հնչակի մէջ ամէն օր կռիւ, ամէն օր յաղթութիւն կը փողահարուէր։ Ուշը մնացած ըլլալու ամօթէն կարմրած էին։ Այդ օրերուն, Մուշէն ու Սասունէն յետոյ, Կիլիկիան կը ներկայանար իբրեւ ռազմադաշտ մը, ուր զինուած մարդու համար անպատճառ յաղթութիւն ձեռք բերելու հաւանականութիւններ կը հրամցուէին։ Ո՞ր զգայուն հայ սիրտ, ո՞ր հայրենասէր երիտասարդ պիտի չդրդուէր, պիտի չյուզուէր, երբ ուրիշներու լախտին տեղ ինքը կրնար զէնք գործածել, որ իր դրամը մէջքին կապած երկիր կը փութար։ Ահա՛, Ամերիկայէն դէպի Կիպրոս կղզին մեկնող Հնչակեան կամաւորներու անունները. Շաւարշ Շիշմանեան (Աւետիս), Սարգիս Պալաեան (Քեռի), Սիսակ Վանիկեան (Սիսակ), Եփրեմ Կաճառեան (Ռուբէն), Յակոբ Ժամկոչեան (Ներսէս), Յարութիւն Խանիկեան (Վարդան), Խայաճան Պօղոսեան (Մուսա), Մելքոն Կէօճէեան (Գուրգէն), Մարտիրոս Սիմոնեան (Կարօ), Ասատուր Տամկաճեան (Մլեհ), Սարգիս Տէր Յովհաննէսեան (Մուշեղ), Սմբատ Ռստիկեան (Կռունկ), Սենեքերիմ Պօնճուղեան (Քերիմ), Սեդրակ (Քարթիս), Սիմոն, Ճագ, Հէրի եւ Վահան (Բիւզանդեան)6։ Վերեւ յիշատակուած տեղեկութիւնները տալէ յետոյ, Ռ. Խան-Ազատ, իր յուշերուն այդ մասին մէջ կ’աւելցնէ թէ` Զէյթուն գացող կամաւորներու հետ ինքն ալ շատ կը փափաքէր հոն երթալ, սակայն իր ընկերները չեն թոյլատրեր, պատճառ բերելով իր տկարութիւնը։
Քինախնդրութեան զոհը Ինչպէս որ տեսնուեցաւ Բ. Գլուխի մէջ, Մուրատ Շիրվանեան, նախ Նիւ Եորք ու ապա Շիքակօ կը գտնուէր, երբ Ռուբէն Խան-Ազատ Ամերիկա էր 1893ին։ Միջադէպ մը սակայն այս երկուքին միջեւ պիտի ստեղծուէր քիչ յետոյ, եւ որ պիտի ունենար տխուր վերջաւորութիւն մը։ Բացատրենք երկու բառով։ 1893 Ապրիլին Շմաւոն, Աթէնք գտնուած միջոցին, անհամաձայնութիւն մը կը ծագի` իր եւ Նազարբէկեան ամոլին միջեւ։ Այս դէպքէն վերջ, ան կը ձգէ Աթէնք ու կը վերադառնայ Մարզուան, առանց տեղեակ պահելու Հնչակեան Կեդրոնը։ Նազարբէկեանները կասկածելով թէ մի գուցէ ան կրնար գրգռել շարքերը Կեդրոնի դէմ, Մարզուան կ’ուղարկեն Բարսեղ Զաքարեանն ու Բագրատ Վռամեանը։ Ասոնց հրահանգ տրուած էր Կաֆեանին թոյլ չտալ շարքերը շփոթեցնելու եւ բարձր պահել Կեդրոնին վարկը։ Վերոյիշեալները Մարզուանի մէջ վէճի կը
70
բռնուին Շմաւոնի հետ։ Այդ վիճաբանութենէն շատ չանցած, Զաքարեան կը սպաննուի թուրքերէն. իսկ Կաֆեան կը ձերբակալուի 1893ի Դեկտեմբերին։ Ակնարկուած վիճաբանութիւնը տեղի ունեցած պահուն, քովնտի սենեակէն կ’իմացուի Հայկ Թուրապեանէ, որ Ամերիկա գալով կը պատմէ Շիրվանեանի։ Շիրվանեան, հիացողներէն էր Շմաւոնի, եւ այս վերջնոյն ձերբակալումը Մարզուանի մէջ, կը վերագրէ Հնչակեան Կեդրոնին կողմէ եղած հաւանական դրդումի մը։ Այդ համոզումը գոյացնելէ յետոյ է որ, Շիրվանեան, Ամերիկայի կուսակցական շարքերուն մէջ շփոթութիւն կը ձգէ, մինչեւ ընդհարում մը ունենալու աստիճան Ռ. Խան-Ազատի հետ, իբրեւ այդ ապիկար Կեդրոնի ներկայացուցիչ, ջատագով, եւ մինչեւ իսկ ամբաստանելով զինքը իբրեւ մասնակից Կեդրոնի կողմէ` Շմաւոնի հանդէպ նիւթուած մատնութեան։ Ռ. Խան-Ազատ չկարենալով հանդուրժել Շիրվանեանի զրպարտութեանց, կ’ապտակէ այս վերջնոյն։ Ասոր կը հետեւի կուսակցական պատգամաւորներէ բաղկացած երկար դատավարութիւն մը` Պոսթոնի մէջ։ Արդիւնքը բոլորովին չի գոհացներ Շիրվանեանը։ Զէյթունի ապստամբութեան նպատակով Ամերիկայէն մեկնող Հնչակեան մարտիկներուն հետ Շիրվանեան եւս կ’երթայ Լոնտոն, ոչ իբրեւ կռուող ոյժ, այլ Նազարբէկեաններէն զինքը կրծող կասկածներու մասին բացատրութիւններ պահանջելու։ Հո՛ն եւս չեն փարատուիր իր կասկածները։ Լոնտոնի մէջ իրեն ուղղուած յանդիմանութիւններէն աւելի եւս գրգռուած, իմացած ըլլալով որ Ամերիկայէն եկողները Կիպրոս պիտի երթան, ան, կը կանխէ զիրենք եւ կ’ուղեւորի Կիպրոս, եւ մինչ առաջին խումբերուն այնտեղ հասնիլը, մեծ շփոթութիւն մը եւս այնտեղի Մասնաճիւղին մէջ կը բերէ։ Ամերիկայէն գնացողները երբ կը հասնին Կիպրոս ու կը տեսնեն Շիրվանեանի արարքը, բացատրութիւն կը պահանջեն։ Շիրվանեան կրքով լեցուած կը պատասխանէ որ ինք երբեք չպիտի դադրի պայքարելէ Կեդրոնին դէմ։ Երկար համոզելէ յետոյ, տեսնելով որ անհնարին է մեղմել ինքնասիրութիւնը խիստ վրդովուած Շիրվանեանի, իր երէկուան ամերիկեան ընկերները, որոնցմէ մի քանին նոյնիսկ իրմէ մոլորուածներէն էին Ամերիկայի մէջ, տեղական Հնչակեան վարչութեան որոշումով զինքը նկուղ մը կը տանին ու կը սպաննեն։ Յանդուգն ծովահէնները Ամերիկայէն Կիպրոս համախմբուող Հնչակեան կամաւորները, միանալով տեղական ուրիշ ուժերու հետ, ու հետերնին առնելով մեծ դժուարութեամբ հաւաքուած ռազմամթերքը, այլեւս կը փութացնեն իրենց մեկնումը դէպի գործին վայրը։ Նախօրօք եղած կարգադրութեանց համաձայն, Կիպրոսի հիւսիս արեւելեան
71
կողմը, ծովուն մէջ երկարած Ս. Անդրէաս հրուանդանին ծայրամասին վրայ գտնուող` համանուն յոյն կրօնաւորներու մենաստանէն ճամբայ պիտի ելլէր զինուած այդ խումբը` Ապահի գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ։ Առ ի նախզգուշութիւն, Ապահ իր խումբը բաժնած էր երկուքի։ Նախ տղաքներու մեծամասնութիւնը (18 հոգի) պիտի առնէր իր հետ, ապա, մնացեալ 3 հոգին, եւ ռազմամթերքը թողած էր Շաւարշ Շիշմանեանի, աւելի ուշ ճամբայ ելլելու համար։ 1895 Մայիսի սկիզբը, Ապահ իր ընկերներով, կիպրացի թուրքի մը առագաստանաւը կը վարձեն` Կիլիկիա անցնելու։ Նոյն օրը գիշերանց գաղտնի նաւ կ’երթան։ Ծովեզերքը ողջերթի կուգան Կիպրոս մնացող ընկերները։ Ընկեր մը շիշ մը օղի կը հանէ գրպանէն։ Կենացներ կը պարպեն, ազատութեան եւ հայրենասիրութեան կրակոտ խօսքեր կ’ըսեն ու միմեանց յաջողութիւն կը մաղթեն այդ արկածալից ճամբորդութեան համար։ Վերջին անգամ մ’ալ կը գիրկընդխառնուին ու ճամբայ կ’ելլեն։ Լիալուսին է այդ գիշեր. հնաւանդ կղզին թաղուած է խորհրդաւորութեան մէջ...։ Նոյնքան խորհրդաւոր է այն առագաստանաւը որ իր հրեշտակային սպիտակ թեւերը պարզած, կը սլանայ` Միջերկրականի արծաթաշող ջուրերուն վրայէն` դէպի Կիլիկիոյ պատմական հայոց ծոցը Աւետեա՜ց երկիրը։ Ապահ, որուն հրամանին տակ են բուռ մը անձնուրաց ծովահէններ, իր թաց աչքերը յառած Կիպրոսի ապառաժուտ եզերքներուն ու վերջին հրաժեշտը ուղարկելով ողջերթի եկող մտերիմներուն, կ’իյնայ խոր մտածմանց մէջ...։ Կը մեկնի՛ն անոնք, ապագայ մեծ յոյսերով ու փայլուն երազներով...։ Երջանի՜կ միամտութիւն...։ Արեւածագին, Կիպրոսի ջուրերէն բաւական հեռացեր էին։ Նաւապետը նախապէս չէր գիտցեր իրենց ինքնութիւնը։ Ցերեկին, թրքական պահականաւ մը կ’երեւի որ դէպի մեր այս յանդուգն ծովահէններու խմբակին կը դիմէր։ Նաւապետը սարսափահար, մէջը գտնուող ճամբորդներուն կ’առաջարկէ որ զէնքերը ծովը թափեն. «Նաւը կը խորտակենք, զէնք չե՛նք տար», կը պոռան յեղափոխականները։ Նաւապետը կ’ըմբռնէ թէ սովորական մարդոց հետ չէ իր գործը. զանոնք գինիի տակառներու քով կը տեղաւորէ, որպէսզի, հեռուէն առագաստանաւուն վրայ բազմութիւն չերեւի. թուրք պահականաւը, առանց իրենց ուշադրութիւն դարձնելու, կ’անցնի կ’երթայ։ Հեռուէն կ’երեւին Կիլիկիոյ լեռները։ Տղաքը ուրախութեամբ կը սկսին երգել` Երբոր բացուին դռներն յուսոյն։ «Ա՛ռ քեզի նաւ մը ժանտախտ, Սուլթա՜ն Համիտ», կը գոչէ Ապահ։ Արաբ նաւաստիները համակրութեամբ կը դիտեն անոնց շարժումները։ Երբ նաւը կը մօտենայ ցամաքին, առաւելապէս Մուսա Լերան խարակներուն մօտ,
72
սաստիկ ալեկոծութիւն մը կը սկսի։ Թրքական կայաններէն մէկուն քով պէտք էր ցամաք ելլէին անոնք։ Մինչ նաւապետը վախի ու վարանումի մէջ էր, կտրիճ նաւաստիները կը յարեն. «Մի՛ վախնաք, թուրքին ու ծովուն հետ կը կռուինք, ձեզ տեղերնիդ կը հասցնենք»։ Օրը մթնցեր էր։ Ալիքները ժայռերուն վրայ կը փշրուէին։ Նաւապետը դիտել կուտայ թէ շատ վտանգաւոր տեղ մը ինկած են։ Յեղափոխականները, եօթ-եօթ հոգի, առագաստանաւուն կցուած մակոյկներուն մէջ կը փոխադրուին։ Նաւաստիները կը սկսին թիավարել` ահաւոր ալիքներուն վրայ տարուբերուող մակոյկները։ Ապահ, այս վիպային խստաշունչ տեսարաններէն ազդուած, կը սկսի երգել Երբ ալեկոծը։ Հազիւ թէ երգը սկսած էր արձագանգել «փրփրաթէզ... ալեաց» վրայ, երբ հեռուէն ահագնաթաւալ ալիք մը գալով մակոյկները կը շրջէ...։ Խումբը ամբողջ ծովը կը թափի. գերմարդկային ջանքեր պէտքը կ’ըլլան ազատարար գործին համար, մանաւանդ խումբէն երկու-երեք հոգի խեղդամահ պիտի ըլլային, եթէ նաւաստիներու ճարպիկութիւնը չըլլար։ Ոմանք լողալով, ոմանք նաւավարներու օգնութեամբը, եւ ուրիշներ ալիքներուն փաթթուելով, ինքզինքնին ցամաք նետել կը յաջողին։ Գիւղացիներն ու ոստիկանները, որոնք ծովեզերքը կը գտնուէին, վտանգը տեսնելնուն, լալ ու աղօթել կը սկսին, փոթորկեալներուն ազատումէն յոյսերնին կտրած։ Սակայն հայուն Աստուածը չուզեց որ, Կիլիկիոյ ապագայ ազատարարները, այդտեղ, մէկ օրուան մէջ կորսուին լմննան։ Ապահի 18 հոգինոց այս խումբը, թրջած, յոգնած 20 ժամ ծովագնացութենէ մը յետոյ ցամաք կ’ելլէ։ Մութին մէջ անծանօթ մը դէմերնին ելլելով կը հարցնէ` «Դուք Աղասիին մարդի՞կն էք»։ Այնուհետեւ, անծանօթը զիրենք կ’առաջնորդէ Աղասիին։ Յեղափոխականները ծովեզերքէն կը բարձրանան Սուէտիա։ Կիլիկիոյ Հնչակեանները, ի տես այս դժուարին բայց յանդուգն ու յաջող ճամբորդութեան, հետեւեալ յատկանշական ծածկագիր հեռագիրը կ’ուղարկեն` Կիպրոսի իրենց ընկերներուն. «18 ընկերք ԱՊԱՀով, տեղս հասան... ապահով»։ Այս խումբը դուրս կ’ելլէ Սադովկեցի ծանօթներու նաւերով Քէպուսիէ գիւղը որ Սուէտիոյ ծովամերձ միակ հայաբնակ գիւղն էր, աւելի ճիշդ ի Չէվլիկ (որ է հին Արեւելեան Սելեւկիոյ նաւահանգիստը)։ Այս խումբին մէջ կային նշանաւոր քաջեր, - Չոք-Մարզուանցի Սիւլիւքճի Արամ, որ փախստական էր ի Կիպրոս, Խարբերդցի Մուսա, Պայինդուր, Կարօ, Մլեհ, Մշեցի Մխօ կամ Շահէն, Քղեցի Եփրեմ Կաճառեան, Ակնցի Սիսակ Վանեան եւ ուրիշներ։ Սուէտիոյ մէջ մեծ կ’ըլլայ խանդավառութիւնը այս խումբին երեւումէն։ Երկրորդ խումբը, կը հասնի երեք շաբաթ յետոյ, այսինքն Մայիս 21ին, առաջնորդութեամբ Շաւարշ Շիշմանեանի, որ յետոյ կը ճանչցուի Աւետիս
73
անունով։ Այս խումբին մուտքը աւելի կարեւոր էր ռազմական տեսակէտով, քան առաջին խումբը։ Բերուած ռազմամթերքը բաղկացած էր բաւական քանակութեամբ ատրճանակներէ, վառօդներէ, զէնքերէ, համազգեստներէ եւ ուժանակներէ (պօմպա)։ Այս ամբողջ պատրաստութիւնը եղած էր անկախ Հնչակեան Կեդրոնէն, Ապահի ձեռներէցութեամբ եւ Կիպրոսի Հնչակեան Մասնաճիւղի զոհողութեամբ։
Դաշտը եւ նորակոչ «մշակ»ները Նախ քան Ապահի խումբին Սուէտիա մուտքը, Ապահի բացակայութեան ամբողջ ժամանակամիջոցին, Աղասիի եւ ի վերջոյ Ջալլադի (Կարապետ ՂըրՓանոսեան) կողմէ ձեռք առնուած միջոցներուն շնորհիւ, 1894ի գարունէն սկսեալ բացարձակ ապահովութիւն կը տիրէ Սուէտիոյ մէջ։ Հոն կը դադրին աւազակութիւնները ո՛չ միայն Սադովկեցիներու մէջ, այլ նոյնիսկ հեռաւոր Ղուսէյրի ոճրասուն թուրքերուն մէջ։ Վերջին աւազակային խումբը, որ կազմուած էր Հաճի Րիֆաթ աղայի գիտութեամբ եւ կը վայելէր անոր պաշտպանութիւնը` կ’անհետանայ։ Այդ խումբը կ’առաջնորդուէր նշանաւոր ու յաղթանդամ Սադովկեցիէ մը, Ղամղօ անունով, որ տարի մը առաջ դեռ կուգար մինչեւ Հաճի Հապիպլիի եզերքը, կը կողոպտէր ու մեծ աւարով կը վերադառնար։ Այդ ինքնիշխան դրութեան մէջն էր որ կը սպասուէր յաղթականօրէն ներս ընդունիլ` Ապահի գլխաւորութեամբ, Կիպրոսէն եկող Ամերիկահայ կամաւորներու խումբը։
Առասպելներ կը հիւսուին... Ապահի խումբին մուտքը ի Կիլիկիա, տեղացիներու վրայ տարօրինակ արդիւնք մը կ’ունենայ։ Փոթորկալից ծովով ճամբորդութենէ յետոյ, երբ անոնք ոստիկանական հսկողութենէ խուսափելու համար, նաւահանգիստէ հեռու եւ անմարդաբնակ ծովեզերքէ ցամաք կ’ելլեն եւ Կիպրոսէն հայթայթուած անգլիական զինուորներու համազգեստներով Սուէտիոյ լեռները կը բարձրանան, հեռուն գտնուող տեղացիները, որոնք ականատես եղած էին անոնց նաւաբեկութեան ահազդեցիկ տեսարաններուն, շփոթահար` տարբեր մեկնաբանութեանց տեղի տուած էին։ Երկու օրուան մէջ, այդ տասնըութ հոգին` վեց հարիւր կ’ըլլան, ու առասպելներ կը սկսին շրջիլ «ծովէն քալող անցնող անգլիացի զինուորներ»ուն նկատմամբ։ Թուրքը, ֆէլլահը, նոյնիսկ հայը կը հաւատայ թէ անգլիացի զինուորներ ծովը քալելով անցեր են։ Այդ բռնկած երեւակայութիւնները յաջողեր էին, իրենց համոզումները տեղական իշխանութեանց ալ պարտադրել։ Լուրը մինչեւ Պոլիս հասնելով, հրահանգ կուգայ զօրք հանել եւ անգլիացիներուն դէպի Անտիոք յառաջխաղացութիւնը արգիլել։ Հետաքրքրական տեսարան մը կը ներկայացնէր թուրք զինուորներու անկա-
74
նոնութիւնը։ Հալէպի կուսակալութիւնը վեց հարիւր զօրք ուղարկած էր։ Բայց այդ ոյժը անբաւական համարուելով, Լաթաքիա հեռագրուեր եւ հոնկէ ալ չորս հարիւր գինուոր ծովու ճամբով Սուէտիոյ նաւահանգիստը ցամաք կը հանեն, որպէսզի անգլիացի զինուորները թէ ծովէն եւ թէ ցամաքէն պաշարուին։ Սակայն Հալէպէն եկող զօրքերուն հրամանատարը տեղեկութիւն չունենալով որ Լաթաքիայէն ալ իրեն օգնութեան զօրք պիտի ղրկուի, երբ նաւահանգիստին մէկ ժամ մնացած, կարգ մը վրաններ, գինուորներ կը տեսնեն, առանց դրօշակին ուշադրութիւն դարձնելու, անմիջապէս ետ քաշուելով, Անտիոք կը տեղեկեցնեն որ անգլիացի զօրքերը Սուէտիան գրաւեր եւ հոն բնակեր են։ Անտիոքի կառավարութիւնը, որ եղածը գիտէր, ամօթը երեսին կը տեղեկացնէ թէ անոնք անշուշտ Լաթաքիայէն եկող թուրք գինուորներն ըլլալու են։ Եւ այսպէս, թուրք զինուորները քսանհինգ օր լեռներ ու ձորեր պտըտելէ յետոյ, յուսահատ կը վերադառնան, եւ կը հաստատուին` Մուսա Լերան դիմացի դաշտին մէջ ֆէլլահ գիւղացիներու մօտ։ Յեղափոխականներու խումբն ալ հարկադրուած կը զգայ ծածկուիլ ու չերեւնալ։ Նախ այն պատճառով որ ժողովուրդին համար պաշար ամբարելու ատենն էր. արտի, շերամի, հունձքի ժամանակ։ Երկրորդ որ, Կիլիկիոյ ներքին գաւառները դեռ կանոնաւոր կազմակերպութիւններ չկային։
Տենդագին աշխատանք Սուէտիոյ պաշարումը կը սկսի 22 Յունիս 1895ին։ Այդ թուականէն վերջ, Հնչակեան Նահանգային Վարչութեան (այսինքն Ապահի եւ Աղասիի) ըրած կարգադրութեանց համաձայն, ընկերները` Քէսէճիքէն Հաճի Հապիպլի վերադառնալով, հայ ժողովուրդին մէջ կը ցրուին պատրաստութեանց համար, այդպէսով Նահանգային Վարչութիւնը դուրս գալով իր ծպտուած եւ մեկուսացած շրջանակէն։ Ընկերական ժողովի որոշմամբ, Բաբկէն (Բարսեղ Տէր Արիստակէսեան) եւ Մուրատ (Պաղտասար Գավուքճեան) դէպի Արեւելք` Խարբերդի կողմերը կ’ուղարկուին։ Մլեհ` Եդեսիա, Վահան (Բիւզանդեան)` Հալէպ, իսկ մնացեալ ընկերներուն համար մասնաւոր կարգադրութիւններ կ’ըլլան։ Թէեւ Կիլիկիոյ մէջ յեղափոխական պրօպականտը սկսած էր աւելի քան երկու տարի առաջ, Աղասիի եւ Ապահի միջոցաւ, սակայն 1895 Յունիս ամիսը Կիլիկիոյ յեղափոխական կազմակերպութիւնները նոր եւ վճռական փուլի մը մէջ կը մտցնէ։ Այդ տեսակէտով, հայկական յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, Կիլիկիոյ կազմակերպութիւնները ամէնէն աւելի հաւատարիմ եւ օրինապահները կը հանդիսանան, ժամանակի պահանջին համեմատ, հայ ժողովուրդը պաշտպանելու սրբազան գործին մէջ։ Երբ ընկերներէն մէկ քանին կ’ուղարկուին զանազան ուղութեամբ, Կասիոսէն
75
(Քէսապ) եկած խնդրանքի մը համաձայն, Շաւարշ (Շիշմանեան), Սիսակ եւ Գուրգէն եւ աւելի վերջը Քեռի (Սարգիս Պալաեան), Կարօ եւ Մուշեղ կը ղրկուին հոն, ժողովուրդին ցաւերը դարմանելու համար։ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐԷՆ
ԽԱՂԱՂ ԴԱՇՏԻ ՈՐԴԻՔ7 (Քայլերգ)
Խաղաղ դաշտի որդիք, լեռները ելլե՛նք, Արօր, գութան մոռնանք, հրացան առնե՛նք. Ճնշուած մեր բողոքը, յայտնե՛նք զէնքերով. Եւ մեր արդար դատը, վարե՛նք արիւնով։ Մեր կեանք, մեր մահ թող լինի՛ ազատ, Ճնշուած հայուն որդիք հարազատ։
Ստրկութեան շղթան խուլ շառաչո՛ւմ է, Ազատութեան մռնչող ձայնը գոչո՛ւմ է, Ազատ լեռներ լինին թո՛ղ մեր ապաստան Եւ ընդարձակ ձորեր` ազատ գերեզման։ Մեր կեանք, մեր մահ թող լինի՛ ազատ, Ճնշուած հայուն որդիք հարազատ։
Քան թէ ամէն վայրկեան կենդանի մեռնինք, Ազատութիւն գոչենք` համարձակ զոհուինք, Հինգ դարէ ի վեր ճընշուած հայ ազգը, Լուծում է այսօր իւր եղբօր վրէժը։
Մեր մալ, մեր կեանք թող լինի ազատ, Ճնշուած հայի որդիք հարազատ։
Յառաջ դիմենք անվախ, զարնենք անգութին Հանենք մեր ոխն ու քէն, փրկենք գիւղացին. Իմաց տանք Համիտին անխիղճ բռնաւոր, Ծագեց հայ հրոսակաց համար պայծառ օր։
76
Մեր մալ, մեր կեանք թող լինի ազատ, Ճնշուած հայի որդիք հարազատ։
Ցրուած խումբեր Հաճըն, Զէյթուն, Սուէտիա, Շտապենք միանալ, կազմե՛նք գունդ Հայկայ. Հայի ազատութեան, պարզե՛նք դրօշակ, Կեանք ու մահով կապուած, կանգնի՛նք նրա տակ։ Մեր կեանք, մեր մահ թող լինի՛ ազատ, Ճնշուած հայուն որդիք հարազատ։ Ա. ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ 1895
Ցաւերն ու դարմանները Թէ ի՞նչ էին այդ «ցաւեր»ը, զորս յեղափոխական գործիչներ այդ օրերուն Սուէտիոյ գիւղերուն մէջ յանձն կ’առնէին ամոքել, բացատրենք երկու բառով։ 1890-1896 տարիներուն Կիլիկիոյ մէջ գործող յեղափոխական գործիչները որքա՜ն բարձր տպաւորութիւն ու հաւատք ներշնշած էին իրենց գտնուած շրջաններուն մէջ։ Ժողովուրդը, կղերականներուն մեծագոյն մասն ալ հետը ըլլալով, խորին ակնածանք եւ վսեմ գուրգուրանք մը ունէին անոնց` գործիչներուն հանդէպ. վստահ էին թէ յեղափոխութիւնը ազգին իր անձը զոհող գործիչը մէկ մտածում միայն ունի, տեսնել իր ազգայիններուն ազատ ապրիլը։ Դժուար պիտի ըլլար այն ժամանակին համոզել մէկուն թէ յեղափոխական կրնայ եւ ըլլալ կեղեքիչ մը, շորթող մը, գող մը, աւազակ մը եւ անբարոյական մը – այսպէս մտածումներ յեղափոխականի մը հասցէին` սուրբի մը հայհոյութիւն ընելէն աւելի ծանր էր։ Ահա՛ այս էր այն գերագոյն հաւատքը, որ ժողովուրդը ունէր անոնց անձերուն համար, եւ սիրայօժար ինքզինք տրամադրած էր գործիչներուն պատուէրներուն, եւ առանց անոնց գիտութեան ոչ մէկ բան կ’ընէին, նոյնիսկ ճամբորդութեան եւ ամուսնական արտօնագրեր անոնց դիւանէն կը տրուէին8։ Տեղական խնդիրներ, առեւտուրի դատեր, մուխթար քեհեայի գործեր, կրօնական խտրութեանց դարաւոր ատելութիւններ, ահա մի քանին անոնցմէ որոնք պիտի վճռուէին յեղափոխական դատարանին միջոցաւ։ Ժողովուրդը իրեն անձնազոհ գործիչներու տարած աշխատանքին, կը կրկնապատկէր անոնց հանդէպ սնուցած գուրգուրանքը, եւ առանց անոնց թելադրանքին ու հրամանին բան մը չէր ըներ։ Ճամբորդելու համար պէտք էր հրաման առնէին. չէին կրնար նշանաձգութիւն ընել առանց հրամանի, անոր համար շատ երիտասարդներու եւ աղջիկներու աչքերուն փուշը դարձած էին
77
անոնք։ Այդ ժողովուրդը «յեղափոխական պարոն»ի մը վրայ անսահման հաւատք ու վստահութիւն ունէր։ Յեղափոխական մը սուրբ էր, ճշմարտախօս էր, անաչառ էր, անկաշառ էր, ուղղադատ էր. մէկ խօսքով «կատարեալ» մըն էր ռամիկ ժողովուրդին համար։ Սուէտիոյ հայ գիւղերու բոլոր վէճերն ու կռիւները, նոյն իսկ արիւնի դատերը, Հնչակեան դատարանին օրէնքներովը կը տեսնուէին։ Մուսա Լերան Հնչակեան կառավարութեան ազդեցութիւնը, հայոցմէ զատ օտար ազգերու վրայ ալ լաւ տպաւորութիւն թողած էր, նոյն իսկ թուրքերուն վրայ, որոնք շատ մը անկարգութեանց առաջքն առնելու համար յեղափոխական դատարանին կը դիմէին։ Այսպէս, մինչեւ իսկ Յոյներու, Թուրքերու եւ Սադովկեցիներու դատաստանները եւս յեղափոխական գործիչներն էին որ կը տեսնէին։ Տակաւին, Քէսապի տեղական խնդիրները ամբողջովին չկարգադրած, Շաւարշ եւ ընկերներ Հաճի Հապիպլի կը վերադառնան կարեւոր գործերու համար, եւ իրենց տեղ` Քէսապի կուսակցական առաջնորդ-գործիչ կը նշանակուին Վարդան եւ Ներսէս։
Անդոհանքը Սուէտիոյ գործերը հետզհետէ աւելի լայն եւ կնճռոտ շրջանի մը մէջ կը մտնեն։ Կառավարութիւնը իր ուշադրութիւնը Մուսա Լերան վրայ կը դարձնէ։ Շրջակայ թուրք գիւղերու ժողովուրդները կը փախչին` Անտիոք, Համա, մինչեւ Հալէպ ապաստանելով։ Շէյխերը կը սկսին գիրքերը նայիլ, տեսնելու համար թէ անգլիացի զինուորները Անտիոքը ո՞ր կողմէն պիտի գրաւեն։ Ու օր մըն ալ, թուրք կին մը, հորէն ջուր քաշած ժամանակ, իր պատկերը ցոլացեալ տեսնելով, կը կարծէ թէ անգլիացի զօրքերը կ’անցնին, ու կը սկսի իրար անցնիլ։ Ասոր վրայ, քաղաքին ջրհորները քարերով կը լեցուին, քարայրները կը փակուին, ու մահմետականները թուրք զինուորին հետ միացած, քաղաքին չորս կողմը գիշերապահութիւն կ’ընեն։ Այդ օրերուն, Զէյթունէն ստացուած տեղեկութեանց մէջ, դրամական օգնութիւն կը խնդրուի։ Զէյթունցիք նոյնիսկ կասկած կը յայտնէին, առանց դրամի հոն գացող գործիչներու կեանքը վտանգի ենթակայ ըլլալը մատնանշելով։ Ու Ապահ եւ ընկերներ, գիշեր ցորեկ աչքերնին ծովերուն յառած, դրամի կը սպասեն անհամբեր, վտանգներու մէջ կը քալեն ամէն վայրկեան, այսօր վաղը ըսելով։ Հնչակեան Նահանգային Վարչութիւնը, դրամի համար, քանի մը խիստ վտանգաւոր ձեռնարկներու ալ կը դիմէ` Սիսակի, Շահէնի եւ Ջելլատի միջոցաւ։ Իբր վարչական կազմակերպութիւն, յեղափոխական խումբը կատարեալ էր։ Ունէր դատարան, հաշտարար ատեան, վճռական ատեան, ինչպէս նաեւ ոստիկանութիւն, բանտ, բանտապահ, կախաղան, եւն։ Գիւղական ժողովներ կը կազմուէին պրօպականտի եւ միջադէպերու կարգադրութեանց համար. ժողովները գիշերը տեղի կ’ունենային, ժողովուրդին հսկողութեամբը եւ յեղափոխա-
78
կան պետերուն առաջնորդութեամբը։ Դրամն էր որ պակսէր միայն։ Ան ալ թէեւ ի վերջոյ կ’ուղարկուի, բայց իրենցմէ առաջ թշնամիին ձեռքը կ’անցնի։ Այդ գումարը այնքան մեծ չէր որքան գործը կը պահանջէր։ Ու այն շաբաթը որ դրամը թշնամիին ձեռքը կ’անցնի, յաջորդ օրը թշնամին կը գրաւէր նաեւ երեք բեռ զէնք, զինագործն ու գործիքներն ալ միասին, նոյն օրը կը բռնուի նաեւ Քէսապի սուրհանդակն ալ իր բոլոր նամակներովն ու թերթերովը` Հնչակ, Ապտակ, Հիւրիէթ, Միզան, եւն։ Այս գրաւումը ամէն գաղտնիք երեւան կը հանէ. կառավարութիւնը իր դէմը պատրաստուած խաղերը յստակօրէն կը տեսնէ։ Յունիսի վերջերը, Զէյթունէն ուրիշ նամակ մը կը ստացուի։ Զէյթունցիները այս անգամ բոլորովին տարբեր կը գրեն։ Այն ժողովուրդը որ դեռ ամիս մը առաջ սպառնալիք կ’ընէ եւ վտանգ ցոյց կուտար առանց դրամի գացող գործիչին, հիմա բոլորովին փոխուած պարագաներու մէջ կը գտնուի։ «Ձեր դրամն ալ չենք ուզեր, ձեր փարան ալ, այլ` քանի մը առաջնորդ գործիչներ միայն` ժողովուրդին առաջնորդելու համար. վասնզի տիրող անիրաւութեանց հանդէպ, այլեւս անհնարին է համբերել»։ Ակնկալուածը... Սուրէն Սուրէնեանի յուշերէն.
1894ի վերջերը, Լոնտոնի մէջ, Նազարբէկն եւ իր տիկինը ինծի կը հաւաստիացնէին թէ` եթէ հազար ոսկիի գումար մը ունենային իրենց ձեռքին տակ, շատ հեշտ էր Զէյթունն ապստամբեցնել։ Ասիկա ինձ համար չափէն աւելի աժան ապստամբութիւն մը երեւցաւ. այսուհանդերձ, իրենց խոստացայ այդ գումարը բերել տալ։ Մարսիլիա, մեր փախստական ընկերներէն` Մկրտիչ Պարսամեանէն լսած էի թէ` Մարզուանի մեր կազմակերպութեան քով գումար մը կար, ուրկէ շատ դիւրութեամբ կրնային հազար լիրայի չափ այդ գործին տրամադրել։ Անմիջապէս յարաբերութեան մէջ մտայ Պարսամեան եղբայրներու հետ։ 1895ի գարնան, Մարզուանցի երկու պատուական երիտասարդներ, Սեդրակ Տինկիլեան եւ Միհրան Էօքսիւզեան, իւրաքանչիւրը 585 թրքական ոսկի մոմուած կտաւի մէջ շարած` իրենց կուրծքին վրայ կապելով` Լոնտոն կը հասնէին։ Նազարբէկեաններու համար չափէն աւելի խոշոր գումար մը ըլլալու էր այդ, որովհետեւ երբ սեղանի վրայ շարելով, ներս, սենեակը կանչեցի զիրենք, ի տես իրարու վրայ բարդուած դեղին մետաղին, Մարօն բացագանչեց. «Աւետի՛ս, Զէյթունն ազատուաւ»։ Այդ դրամէն սակայն մանղըր մը իսկ Զէյթուն չհասաւ։ Մէկ մասը Վանի կողմը ղրկուելիք գործիչներու յատկացուեցաւ։ Վեց հարիւր լիրայի չափ գումար մը մնացած էր։ Մարզուանի Վարչութիւնը մէկ կողմէն, իսկ դրամը բերող տղաքը միւս կողմէն, կը պնդէին որ դրամը իր նպատակին յատկացուէր։ Ստիպուեցան տեղի տալ։ Նախ, ինծի առաջարկուեցաւ այդ դրամը Կիլիկիա` Զէյթուն տանիլ։ Ուրախութեամբ յանձն առի։ Ու նորէն պարզեցի իրենց
79
պատրաստութեան ծրագրի այն մանրամասնութիւնները, զորս երկու տարի առաջ ունէինք Երկրի մէջ. Եաֆթան այս ծրագիրը եթէ ոչ սպաննած, գէթ անդամալուծած էր։ Հիմա գիտէի թէ պատճառը այս երկու ապիկար անձնաւորութիւններն էին, Կեդրոն կոչուող այս զոյգը որ Թուրքիոյ մէջ ապրող ցեղերու եւ անոնց փոխյարաբերութիւններու մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէր։ Իմ Կիլիկիա երթալուս որոշումը տրուելէն երկու օր վերջ, մտքերը փոխուեցան, այն առարկութեամբ թէ իմ Կեդրոնէն հեռանալս, Հնչակի հրատարակութիւնը անհնար պիտի դարձնէր։ Հրաչեայ-Մարալին (Գրիգոր Ղարիբեան) յանձնուեցաւ այդ դրամը տանելու գործը, ան ալ իր կարգին երբ Իսկէնտէրուն հասաւ, անխոհեմ կարգադրութեան մը պատճառով, թուրք կառավարութեան ձեռքն անցուց9։ Ահա՛, մանրամասնութիւնները այդ դէպքին10. 1895ի Յունիսին, Հրաչեայ-Մարալ Հնչակեան Կեդրոնէն 650 ոսկի Կիլիկիա փոխադրելու ձեռնարկով` անվտանգ կը հասնի Ալէքսանտրէթի ծովածոցը. հոն` Սմբատ Ռստիկեանի (Կռունկ) եւ Հնչակեան ներկայացուցիչ Պէյլանցի Թորոս Սահակեանի (Ֆարհատ) աջակցութեամբ նաւէն դուրս կը հանեն դրամը։ Սակայն զէնքերն ու փամփուշտներու ծրարը դուրս հանելու միջոցին, Ֆարհատ որ յոյն մակուկավարին հետ նախապէս կարգադրութիւն ըրած էր ազատօրէն դուրս հանելու համար, դժուարութեան կը հանդիպի անոր հետ, որովհետեւ յոյնը, խոստացուած դրամավճարէն աւելին կը պահանջէ, եւ երբ կը մերժուի, իսկոյն չափազանցեալ ամբաստանութիւններով երեւան կը հանէ զէնքեր փախցնելու գաղտնիքը, Ֆարհատ կը ձերբակալուի։ Բարեբաղդաբար նախ քան այս միջադէպը, Ֆարհատ դրամը ապահով վայր մը պահեստի դրած կ’ըլլայ։ ՀրաչեայՄարալ եւ Սմբատ Ռստիկեան ծպտուած հազիւ կրնան պրծիլ ու հասնիլ Հնչակեան ընկերներու մօտ։ Ֆարհատ, քիչ յետոյ կաշառքով բանտէն կ’ազատի եւ իսկոյն դրամը առած կը մեկնի Հնչակեան ընկերներու մօտ։ Դժբաղդաբար Սուէտիոյ մօտերը յարձակման կ’ենթարկուի ֆէլլահներու կողմէ որոնք կը կողոպտեն զինքը դրամով միասին. Ֆարհատ հազիւ հազ կը յաջողի իր ձեւով վտանգէն ազատիլ` ամէն բան վրայ տուած։ Հնչակեան ընկերներ կ’որոշեն որ Մելքոն Կէճէեան (Գուրգէն) որ ամերիկեան քաղաքացի էր, ներկայանայ Անտիոքի կառավարութեան իբրեւ Ֆարհատ եւ այդ դրամին աւանդապահը, ու իբրեւ ամերիկեան վաճառական, կողոպտուած դրամը ետ պահանջէ։ Կէճէեան` ընկերներու այս որոշումը ի գործ կը դնէ, կը մեկնի Անտիոք եւ իբրեւ ամերիկեան քաղաքացի կը դիմէ կառավարութեան եւ կողոպտուած դրամը ետ կը պահանջէ։ Անօգուտ դիմում, զի թուրք կառավարութիւնը կը ձերբակալէ զինք եւ կը ղրկէ
80
Հալէպի բանտը, անկէ ալ Պոլիս, ուր վեց ամիս շատ նեղութիւն կրելէ յետոյ, հազիւ կրնայ ազատիլ ամերիկեան դեսպանին միջամտութեամբ, Ամերիկա կը տարագրուի, առանց սակայն կարենալ վերստանալու կողոպտուած դրամը11։ Եղիշէ Եպս. Կարօեան, իր «Յուշեր»ուն մէջ խօսելով 90ական թուականներու Իսկէնտէրունի Հնչակեան Մասնաճիւղի գործունէութեան մասին, կ’ըսէ հետեւեալը. Մեր Իսկէնտէրուն ժամանելէն առաջ (1892), հոն այցելած էր Մարօն, Նազարբէկի կինը, եւ Հնչակեան Մասնաճիւղ մը հաստատած էր` Ներսէս Վրդ.ի12 նախագահութեան տակ։ Մեր ժամանելէն քիչ վերջն ալ հասաւ Աղասին (1893), Զէյթունի հերոսը։ Հնչակեան Կեդրոնի նամակներէն կը հասկցուէր թէ ճամբայ մը բանալ կ’ուզուէր Իսկէնտէրունէն մինչեւ Զէյթուն, որ ապագայ գործողութիւններու թատրը պիտի ըլլար։ Ի՞նչ էին այդ գործողութիւնները, գիտցող չկար, ապահովաբար ծրագրուած անգամ չէին այն ատեն։ Մեր յեղափոխութեան գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն ալ այս եղաւ մինչեւ ետքը, այսինքն` իսկապէս չգիտցանք երբեք թէ ի՞նչ եւ ի՞նչպէս պիտի ընէինք։ Իրաւ որ մեծ ու պզտիկ ամէն յեղափոխական բան մ’ընելու անզուսպ եռանդով տոգորուած էր եւ պարապ չէր մնար, սակայն բանը ըլլալէն վերջը միայն կը հասկնար որ, ի՜նչ պիտի ընէր ու ի՜նչ եղաւ...։ ...Աղասին քանի մը ամիսէ ի վեր ներսերը մեկնած էր (Սուէտիոյ շրջանակ), երբ օր մը նամակ մը ստացանք իրմէ։ Նամակը նկարագրութիւնն էր իր ըրածներուն, նոր կազմուած մասնաճիւղերու անդամացուցակով, հասցէներով, Հնչակեան զինուորներու ցանկերով եւն. ակաղձուն զորոնք Հնչակեան Կեդրոն ղրկելու էինք անյապաղ։ Նամակը կարդացուելէն ետք, ինչպէս կ’ըլլար սովորաբար, նախագահ Հայր Սուրբին (Ներսէս Վրդ.) յանձնուեցաւ պատշաճը ընելու։ Նոյն օրը Հայր Սուրբը ստացաւ հեռագրական յանձնարարութիւն մըն ալ` Եաֆայի հոգեւոր Տեսուչ Նիկողոս Վրդ.էն, որ կը յայտնէր թէ, Տիգրանակերտի Առաջնորդ ընտրուած Եզեկիէլ Վրդ. Արշակունի, խտիվական շոգենաւով Իսկէնտէրուն կուգար, անկէ իր վիճակը երթալու համար, հետեւաբար, պէտք եղած դիւրութիւնները ընծայուէին իրեն։ Նաւամատոյցէն վերադարձին, երբ մեր հիւրին հետ դուրս կ’ելլէինք ոստիկանական պահականոցէն, ըստ օրինի խուզարկեցին մեզ։ Կարգը եկաւ Ներսէս Վրդ.ին, որուն գրպանէն դուրս հանեցին նամակ մը... Ի՜նչ դժբախտութիւն, Հնչակեան Կեդրոն ղրկուելիք նամակն էր. թէեւ առաւօտուն գրապաննիս խնամով պարպած էինք, սակայն յեղափոխական նամակը, ինքն ալ թունդ յեղափոխական, վարդապետին գրպանին մէջ անյուսալի յեղափոխութիւն կատարած, անցքէ մը գացած հոն տեղաւորուած էր։ Վտանգը անհուն էր. Իսկէնտէրունէն սկսեալ մինչեւ Պէյլան, Անտիոք, Հալէպ, Քիլիս եւ Այնթապ, հարիւրաւորներու մուխը պիտի մարէր։ Վարդապետին զոյնը նետեց. հազիւ ոյժ ունեցաւ ստորագրութիւնը դնելու նամակին պահարանին վրայ, ինչպէս կը պահանջէր փօլիսը։ Տեղէ մը յոյս չկար, շուարեր մնացեր էինք, երբ յանկարծ քովերնիս տնկուեցաւ Մկրտիչը, բոլոր Իսկէնտէրունցիներուն շփացած զաւակը։ Ան էր որ ի վերջոյ, ճարպիկութեամբ մը յաջողեցաւ «թռցնել» խնդրոյ առարկայ նամակը պահականոցէն ու յանձնել մեզի։ Մենք ալ յետոյ մոխրացուցինք զայն...13։
81
Ամանոսէն` Տաւրոս, պատմական ճամբորդութիւնը Այսպէս, 1894 Հոկտեմբերէ մինչեւ 1895 Մայիս, ութը ամիս վերջ, երբ Ապահ Սուէտիա կը վերադառնար, առանց դրամի եւ առանց խոստացուած հինգ հազար զէնքերուն, կը շարունակէ Աղասի իր յուշերուն մէջ, յանցանքը իրենը չէր, այլ Կեդրոնին, որ խաբեց։ Ան բնաւ մեղաւոր չէր, իրեն յանձնուած պաշտօնը ամենայն բարեխղճութեամբ եւ անձնուիրութեամբ կատարած ըլլալով։ Եւ երբ պէտք եղաւ մեկնիլ անմիջապէս դէպի Զէյթուն, դէպի Տօրոս լեռները, ուզեցի թողուլ զինքը ի Սուէտիա իմ տեղս, քանի որ տեղացիներ նոյնչափ կը սիրէին զինքը։ Բայց Ապահ չուզեց բաժնուիլ ինձմէ. աչքերուն մէջ արցունքներ տեսայ. «Քու հետդ պարզ զինուոր կ’ուզեմ լինել, բայց ոչ ներկայացուցիչ հոս»։ Չի դիմացայ եւ հետս տարի, Սուէտիա թողլով Շաւարշ Շիշմանեանը իբր ներկայացուցիչ Սուէտիոյ Շրջանին։ Ապահ եւ ընկերները դեռ Սուէտիա եղած ժամանակ, Կիլիկիան զինուորական պաշարումի ենթարկուած էր։ Հնչակեան Կեդրոնէն խոստացուած դրամները, ձախորդութեամբ, Անտիոքի մօտերը բռնուած էին, որով, անոնց քով կար հազիւ 10 ոսկիի չափ գումար մը։ Ուստի, Տօրոսի ինքնապաշտպանութեան դրամական աղբիւրն էր գրեթէ ոչինչ. խոստումները մնացած էին անկատար։ Թուրքերը սակայն խուլ կերպով կը պատրաստուէին ընդհանուր կոտորածի, եւ երբեմն երբեմն ալ կ’իմացնէին իրենց մտերիմ հայ բարեկամներուն։ Զէյթունցիք տեղեակ վաղահաս վտանգին, յոյժ ծանրակշիռ պարունակութեամբ նամակով մը, կը հրաւիրեն զիրենք փութով հասնիլ Զէյթուն եւ տեղական միջոցներով պատրաստուիլ։ Այդ օրերուն դարձեալ, Հալէպի մէջ երեւան եկած էին քօլէրայի մի քանի դէպքեր, հետեւաբար թուրք կառավարութիւնը այդ թեթեւակի համաճարակը պատրուակ բռնելով, ամէն կողմ քարանթինա կը հաստատէ մինչեւ Մալաթիոյ գիծը, յեղափոխականներու յառաջխաղացումը արգիլելու նպատակաւ։ Զէյթունէն եկած ծանրակշիռ նամակին վրայ, երբ կ’որոշուի անմիջապէս մեկնիլ, նոյնիսկ ձիեր ճարելու համար դրամ կը պակսի իրենց քով։ Իսկոյն ՄխօՇահէն, երկու ընկերներով կ’ուղարկուի հեռաւոր գիւղ մը, հարուստ Շէյխի մը տունը, որն աւարի տալով, եօթը ոսկւոյ գումարով մը կը վերադառնայ ընկերներուն մօտ։ Աղասիէն գացած գրաւոր առաջարկի վրայ, Մարաշի Հնչակեան Մասնաճիւղը կ’որոշէ մարաշցի Թորոս Ճին-Փանոսեանը ուղարկել Սուէտիա, առաջնորդելու համար Հնչակեան գործիչները ինչպէս նաեւ Սուէտիա ամբարուած ռազմամթերքը փոխադրելու համար, դէպի Զէյթուն։ Ճին Թորոս, 30 տարու փոքրահասակ սակայն ճարպիկ եւ քաջ Հնչակեան մըն էր, որ լաւատեղեակ էր Կիլիկիոյ ճամբաներուն, լեռներուն, գաղտնի անցքերուն։ 1895 Յուլիս 1ին, Բշ. երեկոյեան, Հաճի Հապիպլիի հարաւային կողմէն Ապահ,
82
Աղասի, Հրաչեայ, Մլեհ, Մխօ Շահէն, Ջալլադ եւ Ճին Թորոս, եօթ հոգի, կատարելապէս սպառազինուած, ճանապարհ կ’ելլեն Անտիոքի ուղղութեամբ։ Ահա՛, թէ ինչպէ՞ս կը նկարագրէ Ապահ, այս արկածալից ճամբորդութիւնը. Բաժանման գրկախառն տեսարանը շատ յուզիչ ու տպաւորիչ էր։ Հայ գիւղախմբերու գլխաւորներէն` Կարիկեան Եսայի, Պօյաճեան Փանոս, Ֆիլեան Լեւոն, Մարտիրեան Մարտիր եւն, իսկ գործիչ ընկերներու պետերէն` Շաւարշ, Քեռի, Սիսակ, Մուսա, Կարօ եւն, տաք համբոյրներու տակ, իրարմէ կը բաժնուէին։ Սպառազինուած խիզախ խումբին գնացքէն ու պատկառելի տեսքէն իսկ կարելի էր եզրակացնել թէ` ճանապարհին վրայ հանդիպելիք ո՛չ միայն քիւրտ աւազակներ գլուխ պիտի ծռէին, այլ մասնաւոր հրահանգներով ստեղծուած` պահականոցներու մէջ դիրք բռնող զինուորներ եւս` սարսափահար տեղի պիտի տային ու չի տեսած ձեւացնէին...։ Գիշերուան ժամը 9ին ճամբայ ելլելով, անոնք կը կտրեն, կ’անցնին Դարճենիկ, Գարա Չայ, Չիպուքլու, Թիւլէլ-Հիւմպէլէօ, Պարպատօն, Անտիոքի քառուղին, Էկրի Կէչիտ գետը, Պաղլամա, Ճան-Պօշատ, Ամուք Օվայի տափաստանը, Աֆրին գետը, Քիլլիկ գետը, Ղըզըլ Ղայա, Խըրխըզ Փունար, Կէօլ Պաշի, Տէկիրմէն տէլի, մինչեւ Քիւրտ Տաղիի փէշերը։ Գշ. Յուլիս 2ին, առաւօտուն, խումբը կը հասնի` Ղարսուի գետակն ի վեր եզիտիներու գիւղին` Տէօշէմէի մօտ տարածուած ընդարձակ շամբերու ծոցը։ Դշ. Յուլիս 3ի կէսօրին կը հանգչին պաղ աղբիւրի մը եզերքը, ուր Ջալլադին միջոցաւ կը գտնեն քիւրտ առաջնորդ մը զիրենք մօտակայ քարանթինայէն անցնելու համար։ Նոյն օրը, լուսնկայ գիշերով կը շարունակեն իրենց գնացքը։ Ձիաւորներու խումբը` այդ լոյսէն առաջնորդուած, օձապտոյտ ելեւէջներով, մերթ ձորերէ, կիրճերէ եւ մերթ անտառախիտ վայրերէ անցնելով` կը յառաջանար։ Գիշերուայ այդ ժամերուն, արդէն կտրած անցած էին` պահուած երկու կիրճերու դռներէն (քարանթինայէն) (քօլէրայի համաճարակին պատրուակով), ուր թրքական ոստիկաններ, ցորեկ թէ գիշեր պաշտօն ունէին, ըստ հաճոյս, անցորդները հարցաքննելու, կամ կեղեքելով ձերբակալելու։ Սակայն այս ձիաւորները պարզ անցորդներ կամ բարի հայ քաղաքացիներու չէին նմանիր. ասոնք` ծայրայեղօրէն սպառազինուած` խորհրդաւոր երեւոյթ ունէին, որոնց մէջ կը տեսնուէին քիւրտի, չէրքէզի եւ զինուորականի տարազով անձեր...։ Ուստի, ստիպուած էին իրենք զիրենք անգիտակից ձեւացնել ու եղածը գաղտնի պահել կառավարութենէն, որպէսզի պատասխանատու չի ճանչցուին...։ Այսպէս, ձիաւորները, անցնելով Տէրպէնտի քարանթինայէն եւ Իսլահիյէէն, կը հասնին Տումտումու քրտական գիւղը։ Եշ. 4 Յուլիսին, կէսօրուան մօտ, յիշեալ գիւղի քիւրտերէն մէկուն ընկերակցութեամբ, երեկոյեան կը հասնին Չամլըճա լերան վրայ գտնուող Քէֆէր-Տիւզ քրտական գիւղը։ Հանգիստ առնելէ վերջ ուրիշ աւազակ քիւրտի մը ընկերակցութեամբ, 5-6 ժամէն կ’անցնին Կէօչ Եօլիէն ու կը հասնին Սինեմանցիներու գիւղին մօտակայ շամբերը։ Անոնց այնտեղ յանկարծուստ երեւումը, Սինեմանցիներու մտահոգութեան պատճառ կ’ըլլայ։ Ուրբաթ Յուլիս 5ին գիւղին քիւրտ գիւղապետը կը մտերմանայ անոնց հետ եւ կ’ուզէ հին հաշիւ մը մաքրել` իրեն
83
ազգական ուրիշ գիւղապետէ մը Համօ Քիւրտ Քեհեային աշիրէթէն որ Պէրիթ լերան ամառանոցէն դարձած Պազարճըգի դաշտին մէջ, Ագսուի գետեզերքը վրան բացած էր` Սինեմանէն 1½, իսկ Մարաշէն 8 ժամ հեռաւորութեամբ։ Խումբը հետաքրքրուելով ու մանրամասն քննելով խնդրոյն բազմակողմանի պարագաները, կ’որոշէ հետապնդել եւ շուտափոյթ գործողութեան ձեռնարկել։ Ուրբաթ երեկոյեան, ձիաւորները, իրենց հետ առնելով գիւղապետը, անտառներուն մէջէն կ’երթան նպատակակէտ...։ Հոս աւելորդ է մանրամասնութիւններ տալ կատարուած յանդուգն գործողութեանց պարագաներուն նկատմամբ, միայն կ’արժէ յիշատակել դէպք մը, որ լեռնադաշտին վրայ, զինաթափումի ժամանակ տեղի կ’ունենայ։ Ծերունի թշնամի ցեղապետին զաւակներէն, 16 տարեկան գեղանի աղջիկը, իրենց վրանին կրած յարձակման միջոցին տիրող ընդհանուր թոհուբոհէն շուարած, ինքզինք իր ծերունի հօր գիրկը կը նետէ` գլխին զարդոսկիները իր ծոցին մէջ լեցուցած։ Ջալլադ, աղջկան շարժուձեւերէն կասկածներ ունենալով, խուզարկութիւն մը կ’ընէ ու երեւան կը հանէ զարդոսկիները։ Ա՛յդ պահուն, աղջիկը լեզու կտրած, քիւրտերէն լեզուով կ’աղաչէ որ խնայեն իրեն այդ ծրարը, որ իր վաղամեռ խօսեցեալին թանկագին յիշատակները կը պարունակէր։ Ջալլադ, այդ անտաշ` բայց ազնիւ սրտի տէր լեռնորդին, որ խումբին ընդգրկած բարոյական սկզբունքներուն գիտակից էր, ասպետական ժեստով մը կը վերադարձնէ ծրարը նոյնութեամբ, առանց զայն բանալու կամ աղջկան մազին անգամ դպչելու։ Քրտուհին, քաջարերուած Ջալլադի խօսքերէն ու ընթացքէն, ամօթխած ժպիտ մը ձգելով խումբին վրայ, համարձակութեամբ կը բանայ ծրարը, ու զարդոսկիներով լաչակը կրկին իր գլխուն վրայ կը դնէ, գոհունակ սրտով մը, զերթ թագուհի այդ լեռներուն...։ Կէս ժամուան մէջ, խումբը, այդ հարուստ վրանաբնակ ցեղապետին ու այդ աշիրէթի ամբողջ 17 վրաններու փոքրիկ բնակչութեան անդամները զինաթափ ընելով, մեծ աւարով մը յաջողութեամբ Սինեման կը վերադառնայ երկու ժամ վերջ։ Իսկ, Սինեմանցիներու ծպտուած ցեղապետը, որ այլեւս պիտի բաժնուէր խումբէն, հազար շնորհակալութեանց հետ իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Ապահի ընկերներուն որոնց շնորհիւ յաջողած էր տարիներու իր վրէժը լուծել...։ Պազարճըգի դաշտին մէջ քիւրտ աշիրէթապետին 17 վրաններէն իբր աւար առնուած էին 25 ոսկիի չափ դրամ, 17 հրացան, նոյնչափ ատրճանակներ, թուրեր, սուրեր, եւն, ինչպէս նաեւ 200 ոսկիի արժողութեամբ փառաւոր ճերմակ ձի մը որ Ջալլադին խոստացուած ու բաժին ինկած էր, ինչպէս որ վերջն ալ, Բերդուս չայի ճակատամարտին պիտի զարնուէր այդ իսկ ճերմակ ձիուն վրայ...։ Այժմ ձիաւորներու շարքին մէջ կը տեսնուէր ուրեմն ութերորդ գեղեցիկ ձին վերոյիշեալ հարուստ աւարներով բեռնաւորուած, որուն սանձէն բռնած էր Ջալլադ։ *** Ազատ լեռներու այդ անմեղ զբօսանքէն քաջալերուած ու գօտեպնդուած, խումբը, սանձարձակ կը սուրար` իր առջեւ գտնուած ութը ժամուան ճանապարհը հինգ ժամէն կտրելու...։
84
Մինչ երկու ժամ յառաջացած էին ու հասած Գաբու-Զամի քարքարուտ բարձրաւանդակը, եւ մինչ` ձիաւորները իրենց հաւատարիմ կենդանիները խնայելու մտօք սկսած էին դանդաղեցնել անոնց քայլերը, յանկարծ ճանապարհին երկու կողմը դարանակալ եղած անծանօթներու սպառնական ձայներ կը լսուին որոնք կը հրամայէին անմիջապէ՛ս յանձնուիլ։ Խումբը վայրկեանի արագութեամբ զինաթափ կ’ընէ զանոնք։ Այդ ողորմելի ու համբակ չորս աւազակները` խաբուելով ձիաւորներուն մէշլահներու մէջ ծածկուած երեւոյթէն, կարծած էին թէ ճամբորդներու կարաւան մըն էր որ կ’անցնէր...։ Սակայն, եղած անակնկալէն սարսափած, կը դողային` երբ իրենց չորս վեցհարուածներուն, երկսայրիներուն ու հրացաններուն հետ մէկտեղ, վրայ կուտային նաեւ իրենց չորս խոշոր ականջները...։ Այս դէպքին վրայէն հինգ ու կէս ժամ սահած էր, երբ արդէն ձիաւորները Գաբու-Չամի բարձրաւանդակէն Շէքէր-Օվայի դաշտը իջած, Մարաշի-Ջուրը, Այգիները, Իւնկիւտ, Ջահան գետի Քարէ-Կամուրջը, Իսլամ Փունարը անցած ու թեւակոխած էին Արեգինի (Ալապաշ) սաղարթախիտ մայրիներու կանաչ անտառը Յուլիս 6ի Շաբաթ օրուայ արշալոյսին...։ Ձիաւորները` ի տես այդ տեղւոյն հրաշալի ու հմայիչ տեսարանին, ձիանէն վար կը նետուին ու երկիւղած սրտով, խոնարհած գետնին, կը համբուրեն այն հո՛ղը, որ դարերէ ի վեր քաջերու որորանը եղած էր... կը պլլուին ու կը համբուրեն այն հաստաբուն ծառերը` որոնց ընդարձակ ստուերներուն տակ` հայ առիւծներու սերունդներ ապաստանած էին...։ Ճիշտ այդ վայրկեաններուն, երբ խումբը վսեմ խորհուրդներու մէջ թաղուած` իր յուզուած սրտին պատարագը կը մատուցանէր հողի՛ն ու ծառին, տերեւին ու ծաղիկին, հեռուէն անթարթ աչքերով դիտող մը` որ այդ օրերը գիշեր եւ ցերեկ կը հսկէր այդ վայրերը, կայծակի արագութեամբ թռչելով կը հասնի խումբին ու իւրաքանչիւրին վիզը փաթթուելով, կ’ըսէ. «Դո՛ւք, որ մեր հողե՜րը կը համբուրէք, եկէ՛ք որ ես ալ, բոլոր մեր կտրիճներուն կողմէ, ձեր քաջարի ճակատները համբուրեմ», եւ ուրախութենէն կը սկսի տղու մը պէս լալ ու լացնել...։ Այդ ջղուտ, ոսկրուտ, բարձրահասակ եւ մօտաւորապէս յիսուն զարուններ տեսած ազնիւ ու ազգասէր անձը, Ալապաշի գիւղապետ հռչակաւոր Խաչեր-Քէհեայ Կարապետեանն էր, շրջապատուած` Միքայէլ Քէհեայ Միքայէլեանէ եւ քահանայէ մը, որոնք եկած էին զիրենք դիմաւորելու` պատարագի թափօրով...։ Այսպէս, Ապահ եւ իր ընկերներ Սուէտիայէն մինչեւ Մարաշ կ’անցնին 40 պահականոցէ, որոնց ընթացքին, չորս տեղ զինուորները կը խոնարհին, չորս տեղ կռուելով կ’անցնին եւ երեսուն երկու տեղ պահակներ քնանալ կը ձեւացնեն, եւ հինգ գիշեր ու հինգ ցերեկ ճամբորդութենէ ու կռիւներէ յետոյ, Սուէտիոյ լեռներէն կը հասնին Զէյթունի Արեգնի գիւղը։
«Օդապարիկով մարդիկ»ը... Երբ Ապահի խումբը Յուլիս 5ին Արեգինի ապահով սահմանները կը թեւակոխէ, նոյն օրն իսկ, առտուն կանուխ, Մարաշի կառավարութեան դուռը ափ կ’առնեն` Մարաշի շրջականերէն եղող ա՛յն չորս ականջազուրկ թուրքերը, որոնք` իբրեւ թէ պարզ ճամբորդներ` Գաբու չամի բարձրաւանդակին վրայ,
85
անծանօթ խումբէ մը կողոպտուած ու իրենց ականջներէն գրկուած ըլլալնին կը յայտարարեն...։ Կառավարութիւնը, գիտնալով որ այդ ականջազուրկները պարզ ճամբորդներ չէին, ու իրենց մեղսակից աւազակաբարոյ գործակատարները կրնային ունեցած ըլլալ, որոնք հզօրագոյն մութ ոյժի մը բախելով չարաչար պարտուեր էին, այսուհանդերձ, տակնուվրայ եղած, անմիջապէս Գըրսէրտար չէրքեզ Արսլան բէկի հրամանատարութեամբ ջոկատ մը զինուոր կ’իջեցնէ Շէքէր Օվայի դաշտը, խորհելով որ այդ մութ ոյժը տակաւին անցնելու միջոց չէր ունեցած...։ Արսլան բէկ, երբ մէկ կողմէն իր յուսահատական թափառումներով կը շարունակէ իր հետապնդումները, միւս կողմէն, Մարաշի կառավարչատան մէջ ուրիշ տեսարան մը կը պարզուի։ Կառավարութիւնը, անուղղակի միջոցներով լսած ըլլալով նաեւ ծերունի քիւրտ ցեղապետին 17 վրաններուն վրայ գործուած յարձակումը, այս վերջինը Մարաշ կը կանչէ ու խիստ հարցաքննութեան կ’ենթարկէ։ Ցեղապետը, եղածները մանրամասնօրէն պատմելէ վերջ կը յայտարարէ. «Եթէ ամբողջ հարստութիւնս ալ տարած ըլլային, ես պիտի ներէի անոնց, ինչու որ, իմ մէկ հատիկ աղջկանս հանդէպ վարուեցան այնպէս` ինչպէս եղբայր մը իր քրոջ հետ...»։ Կառավարութիւնը զայրացած` ցեղապետին տուած այս պատասխանէն, զայն մէկ շաբաթ բանտը կը պահէ։ Իսկ Արսլան բէկ, 15 օր շարունակ իր ամբողջ կորովն ու տաղանդը ի գործ դնելէ վերջ, Մարաշ կը վերադառնայ, եւ թուրք հանրութեան խռովքը հանդարտեցնելու մտօք կը յայտարարէ. «Այս անծանօթ մարդիկը օդապարիկով եկած ու օդապարիկով ետ վերադարձած են...»։ Ահա՛, այս օրերէն կը սկսի ու կը վերջանայ առաջին արարուածը` Գըրսէրտար Արսլան բէկի համբաւաւոր գործունէութեան...։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Տօքթ. Դաւիթեան։ 2. «Մոռացուած հերոսներ. Աղասի», Երիտասարդ Հայաստան, 19-5-1920։ 3. «Հայ յեղափոխականի յուշերից», գրեց` Ռուբէն Խան-Ազատ, Հայրենիք ամսագիր, No 5, 1928։ 4. Լեւոն Կոկանեան վախճանեցաւ ի Գահիրէ` 26-11-1949։ Տեսնել` Եգիպտահայ տարեցոյց, Բ. տարի, 1915, էջ 165-169։ 5. Ութսունամեայ Տիկին Յուլիանէ, վախճանեցաւ Նիկոսիոյ մէջ, 7 Յունիս 1938ին։ 6. Վահան Բիւզանդեան վախճանեցաւ ի Գահիրէ, Սեպտեմբեր 1949ին։ 7. Համեմատել Հայուն երգարանին մէջ եղածին հետ, տես էջ 120։ Համեմատել նաեւ Ընդարձակ հայկական երգարան, Գ. հատոր, էջ 220-221։ 8. Տես «Դրուագներ Սուէտիոյ անցեալէն», գրեց Շաւարշ Շիշմանեան, Կիլիկեան տարեցոյց, 1922, էջ 286։ 9. Սուրէն Սուրէնեան, Մեր երէկը, Նիւ Եորք, 1936։ 10. Տեսնել նաեւ Հնչակ թիւ 4 եւ 6, 1896։
86
11. Մանուկ Ճիզմէճեան, Պատմութիւն ամերիկահայ քաղաքական կուսակցութեանց, Ֆրէզնօ, 1930, էջ 28-29։ 12. Իսկէնտէրունի Առաջնորդական փոխանորդ եւ թունդ Հնչակեան Տ. Ներսէս Վրդ. Դանիէլեան (ապա Եպիսկոպոս)։ 13. Տես. Լեւոն Աճէմեանի Եգիպտահայ տարեցոյցը, 1924, էջ 153-159։
87
ԳԼՈՒԽ Դ. ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԽՄՈՐՈՒՄԸ (Յուլիս – Սեպտեմբեր 1895) Զէյթուն, անկախ դու աշխարհիկ, քո սար ու ձոր են անառիկ, Ամէն մի քար եւ անկիւնդ շաղախել է քո արիւնդ։
Դեռ եւս քո զօրեղ բազկում Ռուբինեանց երկիրն է շարժում, Յիշատակ նախնի դիւցազանց Պատկերն է քո քաջ զաւակաց։ ՄԿՐՏԻՉ ՓՈՐԹՈւգԱԼԵԱՆ
Զ
Աշխարհագրական ծանօթութիւն Զէյթունի էյթուն կամ Ուլնիա Հալէպի նահանգին ենթակայ Մարաշի գաւառին (սանճագ) համանուն գաւառակին կեդրոն աւանն էր։ Հայոց ծոցէն, այսինքն Ալեքսանտրէթէն ջորիի ընթացքով 46 ժամուան, Մարաշ քաղաքէն` որուն հիւսիսային արեւմուտքը կը գտնուի` 10 ժամուան, իսկ Սիսի հիւսիսային արեւելքը գտնուելով` հոնկէ ալ 36 ժամուան հեռաւորութիւն ունի։ Ծովի մակերեսէն բարձրութիւնն է 3,500 ոտք։ Զէյթունի դիրքը լեռնոտ է ու ապառաժուտ։ Շինուած էր Անդիտաւրոսեան լեռնաշղթային մէկ ճիւղին վրայ, դժուարամատչելի ձորի մը մէջ։ Շուրջի լեռնաշղթաները բնական պարիսպ մը ձեւացուցած` անոր տուած էին անառիկ բերդի մը հանգամանգը։ Զէյթուն գաւառակին սահմանն էր, հիւսիսէն` Էրիճէք չէրքէզ գիւղը, կամ Էսէն-տէրէ Պօղազըն` Զէյթուէն 10 ժամ հեռու, արեւելքէն` Մալաթճա թրքաբնակ գիւղը` 9 ժամ հեռու, հարաւէն` Արեգինի Եկանինք հայաբնակ գիւղը` 9 ժամ հեռու եւ արեւմուտքէն` Կանչի կամ Զուգուր-հիսար թրքաբնակ գիւղը` 10 ժամ հեռու։ Զէյթուն քաղաքը կը գտնուէր հիւսիսային լայնութեան 37o 50’ եւ Կրինիչէ դէպ արեւելք երկայնութեան 36o 50’-րդ աստիճանին վրայ, Պէրիդ լերան ստորոտը եւ
88
ունէր ամփիթատրոնի մը ձեւը։ Իր 2000 տուները, աղքատիկ երեւոյթով, կառուցուած էին մէկզմէկու ետեւէ, եւ ամէն տուն միւս տան համար վեր ելլելու սանդուխ էր. փողոցները քարքարուտ էին եւ ծուռ ու մուռ եւ մեծ զգուշութեամբ պէտք էր երթեւեկել։ Գլխաւոր լեռներն են, հիւսիսէն` Չավտար, Չըրըգ (ջրիկ), Պէրիդ (պարիտ կամ պաղ), Սաղ տալ (աջ թեւ), արեւելքէն` Պէրզինկա, Մավըլը, Աթլըք Սաղիր, հարաւէն` Շէմպէք, Կիւրէտին, արեւմուտքէն` Սօլախ տէրէ, Կանկրուտ։ Զէյթունի շուրջ կը հոսին այլ եւ այլ գետակներ. Պէրիդ լերան ստորոտէն հոսող ջրերէն կը կազմուի Շուղուր գետակը` որ աւանի արեւմտեան կողմէն անցնելով կը հոսի դէպի հարաւ` սեւ աղբիւրն ալ մէջը ունենալով. ասոր վրայ Զէյթունի սահմանին մէջ կային երկու կամուրջներ. մին` Կարսի կամուրջ անուամբ որ կը տանէր Սուրէնեան թաղը, իսկ միւսը Ղուղուրի կամուրջ` 35 մեթր բարձրութեամբ, որ կը տանէր Եաղուպեան թաղը։ Սաղ տալը լերան աղբիւրներէն ձեւացած է Ձոր գետակը` որ Պէրզինկա լերան ստորոտի ձորէն հոսելով, հիւսիսէն դէպի հարաւ կ’երթայ եւ արեւմուտք խոտորելով կը միանայ Շուղուրի հետ, Զէյթունի տալով թերակղզւոյ մը ձեւը։ Ձոր գետակի վրայ ձգուած էին երեք կամուրջներ` Պաղ աղբիւրի կամուրջ, Ս. Պօղոս Պետրոսի կամուրջ եւ Կոտորածի Ձորի կամուրջ, առաջին երկուքը տանելով Շովրոյեան իսկ երրորդը Սուրէնեան թաղը։ Ձոր գետակը թափելով Շուղուրի մէջ կը կազմուի Զէյթունի գետակը, ան ալ իր կարգին ընդունելով իր մէջ Անտօլպ, Թէքիր եւ Ֆռնուզի գետակները, Կիւրէտին անուամբ, դէպի հարաւ հոսելով, կ’երթայ թափիլ Ջահանի մէջ։ Զէյթուն որ գրեթէ քառանկիւն ձեւ մը ունէր, բաժնուած էր չորս թաղերու. իւրաքանչիւր թաղ ունենալով իր ուրոյն եկեղեցին եւ վարժարանը։ Այդ չորս թաղերը կը կոչուէին քաղաքի չորս իշխանազուններու անուամբ. Վերին կամ Եէնի-տունիա, Միջին կամ Սուրէնեան, Պօզպայիր կամ Շովրոյեան եւ Գարկալար կամ Եաղուպեան։ Քաղաքը ունէր 18,000 բնակչութիւն, որոնցմէ 200ը (կամ 24 տուն) միայն օտար էին։ Զէյթունցիք բոլորն ալ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին կը պատկանէին, մինչեւ որ 1867ին քաղաքական տագնապի մը պատճառաւ, 20ական տուն յարեցան Կաթոլիկութեան եւ Աւետարանականութեան։ Զէյթունի արեւելակողմը, Պէրզինկայի ստորոտը քսան վայրկեան հեռու կը գտնուէր Ս. Աստուածածնի նշանաւոր վանքը, ըստ աւանդութեան Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի ձեռքով կառուցուած։ Յիշեալ վանքին դիմացը, դէպի հարաւ կը բարձրանար Զէյթունի զօրանոցը կառուցուած 1879ին, Կիլիկիոյ Տ. Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոսի օրով։ Քաղաքէն ժամ ու կէս դէպի արեւելք կը գտնուէր հռչակաւոր ուխտավայր` Ս. Փրկիչի վանքը։ Վանքին ստորոտն էր Ջերմուկի դաշտը ուր Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակ գոյութիւն ունէր Անէի բերդաքաղաքը։
89
Ծագումը եւ պատմական անցեալը Արդարեւ, Տաւրոսեան անմատոյց լերանց մէկ կողին վրայ հաստատուած գիւղաքաղաք մըն էր Զէյթուն, ուր եկած ապաստանած էին դարեր առաջ, Կիլիկիոյ հայ իշխանապետութեան փառաւոր անցեալէն մնացած վերջին բեկորները, հոն պահելու համար ի՛նչ որ մնացած էր` իրենց վայելած երբեմնի առանձնաշնորհումներէն...։ Ըստ աւանդութեան Զէյթունի առաջին հայ բնակիչները եղած են Անիէն եօթը տուն գաղթականներ, որոնք իրենց բնակութիւնը հաստատած են, Զէյթուն քաղաքէն քանի մը մղոն հեռու ձորի մը մէջ, որ կը կոչուէր Անէ Ձոր։ Ուրիշ աւանդութեան մը համաձայն ալ նախկին բնակիչները եղած են յոյներ։ Առաջին աւանդութեան համաձայն նախկին գաղթականները կարելի է սերած նկատել Մամիկոնեան Գայլ Վահանի թոռնիկներէն իջած Բագրատունի Հարստութեան վերջին թագաւոր` Գագիկի գերդաստանէն։ Բագրատունեաց անկումէն ետքը (1045), Ռուբէն իշխանին առաջնորդութեամբ մաս մը անեցիներ եւս Հարգան (Հաճըն) կը գաղթեն եւ անոնցմէ եւս կարեւոր մաս մը Զէյթուն գալով եւ հաստատուելով կը կազմեն 700ի չափ տնուոր գաղութ մը, եւ քաղաքին բնիկ յոյները վտարելով, այդ թուականէն հիմը կը դնեն Զէյթունի ազատասիրական ձգտումին։ Անեցի առաջին գաղթականներուն վրայ աւելցած էին նաեւ մաս մը ուլնեցիներ, որոնց պատճառաւ Զէյթունի Ուլնիա անունն ալ տալ սովորական եղած էր։ Մինչդեռ Ուլնիա կը գտնուէր Ֆռնուզի կողմը, Զէյթունէն 6 ժամ հեռու եւ կը կոչուէր Հին-Գիւղ։ Հոն մնացած էին միայն Ապլղարիպեան բերդատէրերը, որոնք յետոյ կոչուեցան Ալիպարեանք եւ գաղթեցին այժմու Թէլէմէլիք գիւղը։ Զէյթունի անունը ԺԶ. դարէն սկսեալ կը տեսնուի գրքերու մէջ։ Զէյթունի քաջ լեռնականները Ռուբինեանց իշխանութեան օրով մասնակցած են շատ մը կռիւներու։ Զէյթունի լեռները, օդն ու ջուրը քաջութեան եւ անկախութեան ոգի մը ներշնչած են անոր բնակիչներուն` շատ կանուխ ժամանակներէ ի վեր։ Զէյթուն, հինէն ի վեր տուած է շատ մը հերոսներ, որոնցմէ մէկն է հռչակաւոր հերոսուհի Զարմանուհին, Ռուբինեանց Հեթում սպարապետին Տիկինը։ Զարմանուհի Տիկնոջ Գէորգ զաւակին սերունդէն կը սերի նաեւ Հեթում, ուսեալ եւ քաջ քահանան, որ կ’իշխէր Զէյթունի Բերդին եւ կը քահանայագործէր Սուրէնեանց թաղին Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ։ Կը պատմուի թէ այս Հեթում քահանան, չկարենալով հանդուրժել իր ժողովուրդին վրայ ծանրացած տուրքերուն, մինչեւ Պոլիս ճամբորդած եւ յաջողած է Սուլթան Մուրատ Դ.էն ձեռք բերել հրովարտակ մը, որով կը գրուէր թէ Զէյթուն քարքարուտ է, ընդարձակ հողեր չունի, իր արմտիքներն իսկ դուրսէն բերել կուտայ։ Ուստի, բացառաբար, զերծ կը կացուցուի զինուորական տուրքէն, միայն տարեկան 15,000 դահեկան պէտք է վճարեն Այա Սօֆիա մզկիթին կանթեղներուն` իբրեւ իւղագին, նոյնչափ մըն ալ իրենց եկեղեցիներուն։ Թէ Այա Սօֆիա մզկիթը եւ թէ Զէյթունի եկեղե-
90
ցիները վագըֆ (կրօնապատկան կալուած) թող նկատուին։ Կը գրուէր նաեւ թէ Զէյթուն թուրք պաշտօնեայ չղրկուի, մինչեւ իսկ ճամբորդութեամբ անցնող պաշտօնեաներ քաղաքէն դուրս գիշերեն. գաւառակը կառավարուի ինքնավար բացառիկ դրութեամբ։ Հրովարտակը որ կը կրէր 1036 Շէվվալ ամսոյ 29 թուականը (1618 Փետրուար 17), այրեցաւ 8 Սեպտեմբեր 1884ի հրդեհին մէջ` Գող Վասիլի գրչագիր Աւետարանին եւ ուրիշ հնութեանց հետ։ Երկրորդ եւ աւելի մեծ հրդեհ մը տեղի ունեցած է Զէյթունի մէջ` 28 Յուլիս 1887ին։ Զէյթունի կտրիճները իրենց դերը ունեցած են Խաչակիրներու ժամանակէն սկսեալ եւ յաճախ զբաղեցուցած են սարակինեան եւ եգիպտական (մէմլուգեան) բանակները, որոնք Դաշտային Կիլիկիան կ’ասպատակէին պարբերաբար։ Երբ Ռուբինեանց իշխանութիւնը կը վերջանայ եգիպտական բանակներուն կրկնակի եւ վճռական յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք` զէյթունցիներ, իբրեւ ռազմիկ ժողովուրդ, անմատչելի լեռներուն մէջ ամրացած` կը պահեն իրենց անկախութիւնը։ Կարգ մը թափառական ցեղեր Կիլիկիոյ զանազան մասերը բաժնած էին իրենց մէջ, սակայն, չեն կրցած նուաճել Զէյթունը։ Այս անկախութեան վիճակը տեւած է Ռուբինեանց Հարստութեան կործանումէն մինչեւ երկու դար ետքը։ Սակայն, ասկէ շուրջ երեք դար առաջ, երբ Հեթում բերդատէր քահանան դեռ չէր յաջողած ձեռք բերել Սուլթան Մուրատ Դ.ի հրովարտակը, Մարաշի Զիւլ Գատրիյէ եւ Պայազիտլի երկու հակառակորդ թուրք ցեղերը փորձած են նուաճել Զէյթունը։ Այդ ատեններէն կը սկսի Մարաշի թուրքերուն հալածանքը եւ ատելութիւնը զէյթունցիներուն դէմ, որոնք` ափ մը ժողովուրդ` մաքառած են թուրք լուծին չենթարկուելու համար։ Զէյթունցիներու պայքարները ընդհանրապէս եղած են ինքնապաշտպանութեան համար. ասոնք քիչ անգամ եղած են յարձակողական` մասնաւորապէս երբ նեղուած են երկարատեւ պաշարումներէ։ Զէյթուն նոյն ատեն քիչ անգամ ունեցած է ներքին երկպառակութիւն եւ եղբայրասպան կռիւ։ Ընդհանրապէս արտաքին թշնամիներու յարձակումները միացուցած են զանոնք հասարակաց վտանգին առջեւ։ Եզակի երեւոյթ էր օսմանեան տիրապետութեան շրջանին Հայաստանի մէջ տեսնել հայկական դաշնակցութեան կամ նահապետական ազնուականութեան մը գոյութիւնը Զէյթունի լեռներուն մէջ։ Այդ դաշնակցութիւնը բաղկացնող ժողովուրդին թիւը որ կը հասնէր մինչեւ 35,000ի, կը ղեկավարուէր Զէյթուն քաղաքի մէջ գտնուող չորս թաղապետներէն կամ իշխան-աղաներէն, որոնք իրենց կարգին, տիրապետութիւննին տարածուող շրջակայ հայ թէ թուրք գիւղերու մէջ ունէին մէկ-մէկ օժանդակներ, յանձին տեղւոյն վրայ ընտրուած կարող մէկ կամ աւելի գիւղապետներու, որոնք քէհեայ կը յորջորջուէին։ Այդ խորհուրդի նախագահը Զէյթունի կամ Ուլնիոյ թեմի Առաջնորդն էր, որ հաստատուած էր Զէյթունի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ։ Խորհուրդի պաշտօնն էր` դատեր տեսնել,
91
դաշնակցութեան մէջ ծագած երկպառակութիւններուն վերջ տալ, հաւաքել գլխահարկը, եւն։ Ամէն անգամ որ դաշնակցութեան որեւէ վտանգ կը սպառնար, Զէյթունի իշխանները, գիւղապետները (քէհեաները) կը հաւաքեն զէնք կրելու ընդունակ իրենց մարդիկը, ու այդպէսով կը կազմուէր 7-8000 հոգիէ բաղկացեալ բանակ մը։ Բնական էր որ այսպիսի կազմակերպութեամբ, մանաւանդ երկրի դիրքին շնորհիւ, զէյթունցիները յաճախ կը պարզէին ապստամբութեան դրօշակը օսմանեան կառավարութեան դէմ, մանաւանդ որ կառավարութիւնը իրապէս չէր կրցած նուաճել այդ երկիրը։ Այդ չորս իշխանները իւրաքանչիւրը իր թաղին վրայ իշխելէ զատ` կը տիրէին նաեւ քանի մը գիւղերու։ Սուրէնեանք` Ղօզճըղազի, Հաճի Տէրէի, Թանուրի (թրքական) եւ Տէօնկէլի. Եաղուպեանք` Աւագկալի, Ղարաղաճի, Ղուռըի եւ Գափու-Գայայի. Եէնի Տիւնեաները` Արեգինի, Էկլէնճէնքի, Քէթմէնի (թրքական), եւ Սարը Կիւզէլի. իսկ Շովրոյեանք` Ֆէնկի եւ Տէօնիւքլէրի (թրքական)։ 1865ին երբ թուրք կառավարութիւնը մտաւ Զէյթուն, թէեւ վերցան այս ժառանգական իշխանութիւնները, սակայն, ժողովուրդը կը հպատակէր իր իշխաններուն եւ կը յարգէր անոնց սերունդը` մանաւանդ պատերազմներու ժամանակ։ Մինչեւ 1895ի Մեծ Ապստամբութիւնը, Զէյթուն ունեցած է շուրջ 28 պատերազմներ եւ 14 քաղաքական դէպքեր։ Մեր նիւթէն դուրս ըլլալով անոնց իւրաքանչիւրին մանրամասնութեանց մէջ մտնել, կ’ընենք անոնց յիշատակութիւնը` ժամանակագրական կարգով. Էօմէր բաշայի պատերազմը` 1780ին. Ալի բաշա-Կիւրէտինի պատերազմը` 1782ին. Գալէնտէր բաշա` 1808ին. Չափան օղլու Մէհմէտ բաշա` 1810ին. Քէօսէ բաշա-Կոկիսոնի կռիւը` 1829ին. Պայազիտ օղլու Սիւլէյման բաշա (ներքին խռովութիւն)` 1831ին. Իպրահիմ Ուշաղիներու եւ Գուռնազներու ջարդը (Սիւլէյման բաշայի Բ. յարձակումը)` 1832ին. Մարաշցի պէյերու գերութիւնը, Թօսուն բաշա եւ Մարտիրոս Սուրէնեան` 1835ին. Աղճատաղի պատերազմը` 1840ին. Խասէքիի պահանջումը` 1841ին. Թէճիրլեցւոց կռիւը եւ Եուսուֆ բաշա` 1842ին. Ալպիսթանցի Հաճի Աղայի ջարդը` 1844ին. Թօփալ Սատօ` 1847ին. Արնաւուտ Հայթաները եւ Աթ-Օլուղի կռիւը` 1847ին. Ավշարներու պատերազմը` 1848ին. Զէյթունցւոց եւ թէճիրլիցիներու միջեւ հնգամեայ թշնամութիւնը եւ տասը
92
պատերազմները` 1850-1855ին. Խուրշիտ բաշայի պատերազմը` 1860ին. Ազիզ բաշայի պատերազմը եւ Նաբոլէոն Գ.ին մատուցուած բողոքը` 1862ին, (որ պատմութեան մէջ ծանօթ է` Զէյթունի Ա. Մեծ Ապստամբութիւն անունով)1. Եօթը թուրք բաշաներու տարին եւ իշխան Պապիկ բաշա Եէնի-Տիւնիա` 1878ին. 250 չէրքէզներու ջարդը` 1878ին. Սալիհ բաշա եւ թուրք լրտեսի մը սպանումը` 1890ին։ Յանուն ազատութեան ամբողջ դար մը Զէյթուն իր մղած վերյիշեալ դիւցազնական կռիւներով, հակառակ իր ազգաբնակութեան անհամեմատ սակաւութեան, միշտ յաղթական հանդիսացած է թուրք բռնակալներու վիթխարի զօրութեանց դէմ, ու խորունկ տպաւորութիւն մը թողուցած է ամբողջ հայութեան եւ նոյնիսկ օտարներուն վրայ։ Անոնք ընդհանրապէս տեղի ունեցած են տեղական բնոյթ ունեցող հարցերու շուրջ (որ սակայն իրենց խորքին մէջ բարձրօրէն եկած գաղտնի հրահանգներու համաձայն` Զէյթունը բնաջնջելու բնոյթ ունեցած են), ինչպէս երթեւեկի, ազատ փոխանակութեան, փոխադարձ յարաբերութեանց, դրուած տուրքերու մերժում, աւանդական սրբութեանց պահպանում, ընտանեկան կամ դրացի ցեղերու վէճեր, եւն. որոնց բոլորին մէջէն ալ Զէյթուն գիտցած է ասպետական ոգիով դուրս գալ ու հերոսական դրուագներով արժեցնել զանոնք, եւ իւր լեռներուն անմատչելիութեանց մէջ պահել հայութեան ազատատենչ ոգին եւ պապենական սրբութիւնները։
Հայկական հարցը եւ Զէյթուն Այն աննպաստ պայմանները, որոնց մէջ կ’ապրէին տաճկահայերը, արդէն իսկ ստեղծած էին դրութիւն մը` որ անհանդուրժելի էր պարզապէս։ Դարերու գերութեան ընթացքին մէջ ստրկամտութեան ոգին ժառանգականօրէն պատւաստուած ըլլալով հանդերձ հայ ժողովուրդին ստուար մեծամասնութեան մէջ, դառնակսկիծ պայմաններ կուգային ստեղծել ընդհանուր դժգոհութեան զգացում մը, բողոքի զգացում մը, զայրոյթ, զզուանք եւ ատելութիւն։ Այս լարուած դրութեան մէջ, մէկ կայծը բաւական էր վառելու համար հայկական հրդեհը։ Ամէն կողմ արդէն արթնցած էր հայրենասիրական զգացումը. ազգային երգեր կուգային հայկական նախնիքներու դիւցազնական ոգին վերակոչել, ամէն քաղաքներու մէջ ընկերութիւններ սկսած էին կազմակերպուիլ, հայ մտաւորականներ կը գործէին անընդհատ, թէ՛ խօսքով, եւ թէ՛ գրիչով։ Յանկարծ Տարօնի դաշտին հասած քստմնեցուցիչ շահատակութեան մը լուրը կը ցնցէր Պոլսոյ մամուլը։ Հանրածանօթ աւազակ Մուսա Պէյ` Կիւլիզարը կ’առեւանգէր. ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը իր աչքերը կը դարձնէ Պոլսոյ վրայ, տեսնելու
93
համար թէ ի՞նչ պիտի ընէ կառավարութիւնը Կիւլիզարի առեւանգիչին։ Մկրտիչ Փորթուգալեան կը հիմնէ Արմենական Կուսակցութիւնը, եւ սակայն, քաղաքական որոշ աշխարհայեացք ու ամբողջ հայութեան կեանքին բարելաւման նպաստող ծրագիր մը ներկայացնող կուսակցութեան մը պէտք կը շեշտուի. կը կազմակերպուի վերջապէս հայ ժողովուրդին ծով ցաւերէն ծնած Հնչակեան Կուսակցութիւնը եւ 1887ին հրապարակ կ’ելլէ անոր Հնչակ պաշտօնաթերթը։ Տաճկահայ բոլոր մտաւորական ուժերը կը բոլորուին այս կազմակերպութեան շուրջը եւ բազմաթիւ մասնաճիւղեր` ցանցի մը կը պատեն ամբողջ Տաճկաստանը։ Պրօպականտը կը սկսի. յեղափոխական գործին կոչը կուգայ շեշտով արձագանգուիլ հայ ժողովուրդին հարազատ զաւակներու զանազան դասակարգերուն մէջ։ Մուսա Պէյի ազատ արձակուիլը` Պոլսոյ դատարաններէն, Եւրոպական մեծ տէրութեանց դեսպաններու աչքին առջեւ, կուգայ մեծագոյն ապացոյցն ըլլալ տիրող րէժիմին փտախտին։ Կը սկսին ձերբակալութիւնները. Աշըգեան Պատրիարք ազգավնաս ուղղութիւնով կը գործէ, եւ ասոնք բոլորը միացած, մէկ իրականութիւն միայն կը շեշտեն, – Հայկական Յեղափոխական Շարժումներու նախօրեակը...։ 1889ին կը պատահին Կարնոյ ընդհարումը, Ագրիպասեաններու ձերբակալումը, Կուկունեանցի արշաւանքը։ Կը յաջորդէ 1890 Յուլիս 15ին Հնչակեան Կուսակցութեան Պոլսոյ Գում Գաբուի հռչակաւոր ցոյցը, եւ յեղափոխական տէրրօրը` Պոլիս եւ գաւառները։ Ահա՛ Տրապիզոնի ցնցող ձերբակալութիւնները, Էնկիւրիի շռնդալից դատավարութիւնը։ Տնտեսական հալածանք, պաշարման վիճակ, բանտ, աքսոր, կախաղան։ Կառավարութիւնը կը ճնշէր, յեղափոխական ատրճանակը կը պայթէր։ Ի՞նչ էր սակայն պալատին ու կառավարութեան եզրակացութիւնը` հայկական այս շարժումներու միջոցին։ Առաջին սարսափի տպաւորութենէն անմիջապէս վերջ, կառավարութեան քաղաքականութիւնն էր արմատախիլ ընել յեղափոխութիւնը` ձերբակալելով, բանտարկելով, աքսորելով եւ ի հարկին կախաղան բարձրացնելով յեղափոխականները, սարսափի մատնելով հայ ժողովուրդը, խլել հայ ժողովուրդին ձեռքէն իր առանձնաշնորհումները, արգիլել երթեւեկը, եւ ամէն ջանք ի գործ դնել` հայութիւնը տկարացնելու, եւ եթէ կարելի էր, բնաջինջ ընելու համար։ Հայկական շարժումը սակայն ա՛լ սկսած էր. հրդեհը բռնկած էր եւ զայն մարելու համար` արտակարգ միջոցներու դիմելը` ստիպողական դարձած։ Պոլիսէն մինչեւ գաւառները, ամէն կողմ, կառավարութիւնը լեցուցած էր լրտեսներով, որոնք օրը օրին ամէն տեղեկութիւն կը հաղորդէին։ Այս բոլոր շարժումները մտահոգիչ էին ի հարկէ պետութեան համար. սակայն, կառավարութիւնը իր լուրջ ուշադրութիւնը դարձուցած էր ջուխտակ մը հայկական անմատչելի բարձունքներու եւ հայ ժողովուրդի ընդհանուր ստրկա-
94
կան մտայնութիւններուն մէջ բացառութիւն կազմող երկու վայրերու բնակիչներուն վրայ. Կիլիկիա եւ Տարօն, կամ աւելի ճիշդն ըսելով, Զէյթուն եւ Սասուն էին այն երկու հայկական կեդրոնները, որոնք իրենց դարաւոր քաջութեամբ ու զինուորական գործողութիւններով շարունակ պարտութեան մատնած էին այն բոլոր ուժերը, որոնք կառավարութեան կողմէ կը ղրկուէին իրենց վրայ ճնշելու, ընկճելու եւ ջնջելու համար։ Չարաբաղդ Մէլիքութիւններու յաջորդներն էին կարծես զէյթունցիներն ու սասունցիները, որոնք գլուխ խոնարհեցնել չէին գիտեր այս կամ այն պետական հրամանին առջեւ։ Երկու անառիկ վայրեր էին ասոնք, որ մէկ օրէն միւս կրնային դառնալ յեղափոխական ահաւոր հնոցներ։ Եւ արդէն տեղեկութիւններ ալ հասած էին Կեդրոնի կառավարութեան` թէ յեղափոխականներ մուտ գտած են այդ բարձունքներուն վրայ եւ ժողովուրդը կը գրգռեն տիրող կարգերուն դէմ։ Ուստի պէ՛տք էր քանդել արծիւներու այդ բոյները, ազատութեան գաղափարին այդ երկու վառարանները, որոնք վաղը կրնային դառնալ հայկական ապստամբավայրեր եւ հայ ժողովուրդին յոյսի ապաւէններ։ Առիթը ստեղծուած էր։ 1894ին Սասունի հռչակաւոր ապստամբութիւնը տեղի ունեցած էր եւ նոյն տարուան ամառը արդէն Տալուորիկը, Կէլիէկուզանն ու Շէնիքը աւերակ դարձած էին։ Տարօնի այդ բարձունքներուն վրայ հաստատուած արծիւներու բոյները քանդուած էին ահա, եւ անգութ Եւրոպան զբաղած էր «Մայիսեան ծրագիր»ին օրօրովը. կառավարութեան մտահոգութիւններէն մին մասամբ վերջացած էր, բայց կը մնար տակաւին հպա՛րտ Զէյթունը2։ Անոր ասպետական ոգին, աւանդական անկախութեան զգացումը եւ հինէն ի վեր ունեցած բաղխումները` տեսակ մը առանձնաշնորհեալ դիրք տուած էին իրեն, հակառակ Բ. Դրան կամքին, որ հայկական յեղափոխութեան բոլոր ընթացքին եւ անկէց ալ շա՛տ առաջ արդէն ծրագրած էր ոչնչացնել Զէյթունը, ցրուել այնտեղի հայութիւնը եւ գաղթականներ բնակեցնել, որպէսզի պետութիւնը ապագայ Հայկական իշխանութեան մը մղձաւանջէն միանգամ ընդ միշտ փրկուած ըլլար։ Եւ իրօք, նոյն ձգտումը չերեւցա՞ւ մղուած բոլոր պատերազմներուն մէջ. ի՞նչ էին Ալի բաշայի, Գալէնտէր բաշայի, Չափան օղլուի, Սիւլէյման, Խուրշիտ, Ազիզ բաշաներու պատերազմները. ո՞չ ապաքէն ասոնք ծրագրուած ձեռնարկներ էին Զէյթունը ոչնչացնելու համար եւ ո՛չ թէ միայն զո՛ւտ տեղական բնոյթ ունեցող խնդիրներ։ Զէյթունի 500է աւելի արու մանուկները եւ Մարաշի կառավարիչ Սալիհ բաշայի կողմէ Տօքթ. Ապուճանի ձեռքով թունաւոր պատուաստով փճացնելու ձեռնարկը, լրտես Օսման Չավուշին սպանութեամբ յառաջ եկած կռիւներն ու հալածանքները` ո՞վ կրնայ ժխտել թէ միեւնոյն նպատակը իրագործելու պետական որոշ քաղաքականութեան մը արդիւնքը չէին։ Տեղական զանազան խնդիրներ պատրուակներ էին լոկ։ Կառավարութիւնը որոշած էր Զէյթունը աւերել. – ահա՛ ծրագիրը. – եւ ա՛ս ալ Հայկական Յեղափոխութեան շրջանին, այս ապստամբավայրն ալ, Սասունէն անմիջապէս վերջը, հայ ապստամբներու եւ
95
յեղափոխականներու կեդրոն դարձնելով, իր զանազան ծրագիրներու գործադրութիւնը արգելքի տակ չդնելու համար. առիթներն ու պատրուակները կարեւոր էին հարկաւ։ 1894ի Սասունի ապստամբութիւնէն ու կոտորածէն վերջը, Իզմիրլեան պատրիարքի եւ Հնչակեան Կուսակցութեան ջանքերով, վերջապէս Պերլինի դաշնագիրը ստորագրող վեց մեծ պետութիւններու պաշտօնատարներուն ուշադրութիւնը դարձած էր «Հայկական Բարենորոգմանց Ծրագիր»ի մը մշակութեանը վրայ եւ պատրաստուած ալ էր այդ ծրագիրը։ Սուլթան Համիտ վերջապէս հաճած էր զիջանիլ եւ ի՛ր ստորագրութեամբ իսկ խոստովանիլ հայկական վեց նահանգներու բարենորոգման պէտքը, բայց գործադրութիւն չկար։ Հայաբնակ բոլոր գաւառներուն մէջ հալածանքները կը շարունակուէին աւելի ուժգին թափով։ Հանդիսաւոր բողոքի մը անհրաժեշտութիւնը կար։ Տաճկահայ իրականութեան մէջ գործող միակ ժողովրդական կուսակցութիւնը, – Հնչակեան Կուսակցութիւն, – 1895 Սեպտեմբեր 30ի օրը (Խաչվերացի Երկուշաբթին) իր ղեկավարութեամբ կը կատարէ Պապը Ալիի ցոյցը, որով յետաձգուած բարենորոգումներու գործադրութիւնը կը պահանջուէր, բողոքագիր-պահանջագրով մը, որ թռուցիկի ձեւով կը ցրուուի ամէն կողմ եւ որուն պատճէնները կը հաղորդուին մեծ պետութեանց դեսպաններուն։ Այս ցոյցը պատրուակ մը կ’ըլլայ կառավարութեան ձեռքը` տարապայման խստութիւն մը բանեցնելու, որուն կը յաջորդեն կոտորածի կարմիր օրերը։ Հայ քաղաքներ ու գիւղեր կը փճանան, հարիւր հազարաւոր կեանքեր կը ջնջուին, կիներ, հարսներ, աղջիկներ կ’առեւանգուին ու կը բռնաբարուին, եւ երկրին մէկ ծայրէն միւսը սուր, մահ, ու կրակ կը տիրեն։ Արիւնածարաւ Սուլթանը` արիւնի ու կրակի բոցերուն մէջ խեղդել կ’ուզէր իրաւունքով ըմբոստացող ցեղի մը արդար գանգատներն ու բողոքները։ Այս բոլոր սարսափին ու ամայութեան մէջ, կար տակաւին գաւառ մը, ուր բնակող հայութիւնը ջարդուելու ընդունակութիւնը չունէր. կար համայնք մը որ կառավարութեան աչքին փուշն էր։ Հայաստանը քանդուած էր, ամէն կողմ արիւնը գետի նման հոսած էր, եւ սակայն Տօրոսի բարձունքներուն վրայ Զէյթո՛ւնը, հպարտ Զէյթո՛ւնը կար տակաւին, միակ պատերազմական վայրը, զոր պէտք էր անգամ մըն ալ փորձել, բնաջինջ ընել անոր բնակչութիւնը։ Մինչ Հայաստանի մէջ կոտորածները տեղի կ’ունենային, անդին Զէյթունի մէջ, հայերու եւ թուրքերու յարաբերութիւնները արդէն ձգտուած էին. այնպէս որ այս ընդհանուր լարուած դրութեան մէջ անխուսափելի էր փոթորիկը, քանի որ կառավարութիւնը իր որոշ, մեկնելի ծրագիրն ու քաղաքականութիւնը ունէր եւ Զէյթունի հայերն ալ իրենց ազգակիցներուն կոտորածին հետեւանքով, գերագրգռուած վիճակի մը մէջ կ’ապրէին։ Հնչակեան գործիչներ, Ապահ, Աղասի, Հրաչեայ եւ ընկերներ իրականութեան տէրն էին Զէյթունի մէջ, իսկ այս իրականութիւնը պատերազմաշունչ էր, կարմիր էր։
96
Ձեռնարկին տարողութիւնը Ինչպէս որ տեսնուեցաւ, Հնչակեան Կուսակցութեան Աթէնքի Կեդրոնին մէջ նախապէս միտք յղացուեր էր Կիլիկիոյ մէջ եւս գործադուլ եւ ցոյցեր կազմակերպել։ Յետոյ այդ գաղափարին աւելի գործնական ձեւ մը տալով, Սուէտիայէն, Ապահ եւ Աղասի Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնին առաջարկած էին, փոխան գործադուլի եւ ցոյցերու, Կիլիկիոյ մէջ պայթեցնել համահայկական մեծ ապստամբութիւն մը, այդ շարժումը սկսելով նախ անառիկ Զէյթունէն։ Կիլիկեան ընդհանուր յեղափոխութեան մը ծրագիր յղացող Ապահ եւ Աղասի, իրենց մտքերուն մէջ ունէին նախ այդ նպատակին համար յարմարագոյն տեղը ներկայացնող Զէյթունի անառիկ դիրքը, բնութեան բնական պարիսպները, անդնդախոր կիրճերը։ Այդ տեսակէտով, Զէյթուն որ Կիլիկիոյ մէջ կը գտնուէր, արժանի էր մասնաւոր ուշադրութեան, որովհետեւ Կիլիկիա իր աշխարհագրական դիրքի կարեւորութեամբ, իր ծովեզերքով մօտէն կը շօշափէր Եւրոպայի շահերը։ Ատիկա նկատելի կարեւոր պարագայ մըն էր, որպէսզի ծրագրուած ապստամբութեան աղաղակը խուլ չմնար Եւրոպայի, ինչպէս եղաւ, օրինակ Հայաստանի ներսերը կատարուած Սասունի ապստամբութիւնը։ Երկրորդ, Զէյթունի հերոսական դրուագներու անցեալը, հայ ցեղի տոկունութեան, արիութեան եւ նախնեաց ասպետական ոգիին ամէնէն հարազատ ու հիանալի մէկ նմոյշը, որ քանիցս գրաւականը եղած էր իր հայրենասիրութեան ու աւանդապաշտութեան։ Երրորդ, շրջակայ թուրք ցեղերու վրայ անոր ունեցած անհամեմատ գերազանցութեան ու հաւանական նուաճումի մը ամէն երաշխիքներով։ Չորրորդ, Հնչակեան յեղափոխական կուսակցութեան մը անունով կատարուելիք ձեռնարկ մը, որ ունէր ամէն հաւանականութիւն յաջողութեամբ պսակուելու, կուսակցութեան մը որ իր շուրջ բոլորած էր օրուան ազատատենչ հայ երիտասարդութիւնը` որ իրեն հիմնական նպատակ ունէր ամբողջ Թրքահայաստանի ազատագրումը ու ապա սոցիալիստական կարգերու վերահաստատումը։ Եւ հինգերորդ, այդ ծրագիրը գլուխ հանելու համար` եղած առաջարկին հանդէպ Հնչակեան Կեդրոնին տուած լիակատար խոստումներն ու շռայլուած քաջալերանքները ի մասին դրամի հայթայթման ու նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան։ Արդարեւ, հայաբնակ վեց նահանգներու «Բարենորոգման հարց»ը իր ամենատաք շրջանին մէջն էր` Սասունի ապստամբութենէն վերջ, եւ որպէսզի Կիլիկիան եւս կցուի վեց նահանգներուն, կիլիկեցիք, համաձայն ուրեմն յեղափոխական գործիչներուն, որոշած էին իրենց կողմէ հարկ եղած աշխատութիւնը ի սպաս դնել, որուն Հնչակեան Կուսակցութիւնը, ընդառաջելով ժողովուրդի բաղձանքին, որոշած էր իր անունով հրապարակ գալ, ու ապստամբութիւն մը յառաջացնելով
97
Զէյթունի մէջ, եւ, եւրոպական դահլիճներու կողմէ այդ ուղղութեամբ եղած դիմումներուն ուժ տալ։ Այդ գեղեցիկ հեռապատկերին ի տես Ապահ եւ Աղասի, ձեռք առին բոլոր կարելի եւ անկարելի միջոցները. անոնք չընկրկեցան ո՛չ մէկ զոհողութեան առաջ, այդ ուղղութեամբ անոնք սկսան գործի. նախ Հնչակեան գաղափարներով տոգորեցին ու պատրաստեցին կիլիկեցի ժողովուրդին մտքերը, խանդավառեցին երիտասարդութիւնը, մարզեցին, զինեցին ու արթնցուցին քնացող ու թաքուն ուժերը, վերահաս աղէտը դիմագրաւելու համար. իրենց կեանքը վտանգեցին, մատնութիւններու ենթակայ եղան, անսուաղութեան ու բնութեան անախորժ կլիմաներու տոկացին ի սէր Ս. Գործի յաջողութեան։ Ապահ, իր նիւթական տկար միջոցներով յանձն առաւ մեկնիլ Սուէտիայէն մինչեւ Կիպրոս ու ապա Աթէնք, Հնչակեան Կեդրոնէն խոստացուած զէնքեր, ռազմամթերք ու կամաւոր երիտասարդ ուժեր բերելու համար առաջադրուած նպատակին։ Աղասի երկրին մէջ կազմակերպեց թռուցիկ խումբեր, օրը օրին տեղեակ պահելով արտասահմանի իր ընկերները Թուրքիոյ քաղաքական կացութեան, քանիցս ծպտուած շրջագայեցաւ վտանգաւոր վայրերու մէջ` մօտէն ուսումնասիրելու համար կատարուելիք ձեռնարկին ամէն կողմերը, ու վերջապէս, միւս կողմէ քաղաքական դէպքերու բերումով, ժամանակը այլեւս հասած էր ամէն գնով հրապարակ իջնելու։ Կիլիկիոյ Հնչակեան յեղափոխական գործիչները իրենց ուժերէն շատ վեր գործի մըն էր որ միջամուխ կ’ըլլային, իսկ Հնչակեան Կուսակցութիւնը արկածախնդրութեան մը մէջ էր որ կը նետուէր, երբ տակաւին կանխահաս ու թերի միջոցներով կ’ուզուէր ազգին ճակատագրին հետ խաղալ։ Տեսնենք սակայն թէ միայն յեղափոխական գործիչնե՞րն էին պատասխանատուները այս կանխահաս քայլին, թէ անտարբեր, եսասէր, չէզոք մեծամասնութիւնն էր, մանաւա՛նդ հայ ունեւոր դասակարգը իր պահպանողական ու աղայամիտ գաղափարներով դատապարտելի, որ զլացաւ իր եղբայրական օգնութիւնը ազգօգուտ ձեռնարկի մը (թէեւ կանխահաս ըլլար ան եւ կանխահաս էր, որովհետեւ նիւթականը կը պակսէր) չգիտցաւ օգտուիլ ժամանակի ընծայած պատեհութենէն, ինչպէս որ չէր գիտցած օգտուիլ` տարի մը առաջ տեղի ունեցած Սասունի ջարդին սարսափելի դասէն, չքաջալերեց ազգին այս յանդուգն զաւակները, որոնք լքած ընտանեկան ամէն հանգիստ ու երջանկութիւն, ընկերական դիրք ու ապրուստ, կ’երթային զոհել իրենց անձերը հայրենիքի ու գաղափարի համար...։ Յուսահատ պախարակելի այդ ընթացքը եւս, յատուկ է ընդհանրապէս տգէտ, ստրուկ ցեղերու, անպարտաճանաչ եւ ոչխարամիտ ամբոխներու որոնք կը նախընտրեն ջարդուիլ, ոտից կոխան ըլլալ, ուրանալ իրենց ազգային ինքնօրինութիւնը, բաւ է որ իրենց հանգիստը չվրդովուի, քան զէն ի ձեռին, խրոխտաբար
98
ու պատնէշին վրայ մեռնիլ, նահատակուիլ։ Ապահովաբար Զէյթուն պիտի չկրնար, ինքն իրեն բաղդին ձգուած, իւր սեփական տկար միջոցներով լիուլի իրագործել կիլիկեան ընդհանուր յեղափոխութեան մը խոշոր ծրագիրը։ 1895 Յուլիս 5ին, Ապահ եւ իր վեց ընկերները Արեգինի այգիները հասնելով, հոն կը մնան տասնհինգ օր։ Անոնց առաջին ձեռնարկը կ’ըլլայ առանձին առանձին հրաւիրել իշխաններուն կարեւորագոյնները, ռազմիկներու պետերը, հեղինակաւոր եկեղեցականները, շրջակայ գիւղերու քէհեաները, միւտիրները, եւն, եւն, ու հետեւեալ եօթը հարցմանց շուրջ` անոնց իւրաքանչիւրին կարծիքն ու խորհուրդը հաւաքելով, որոշումնին ճշդել. Առաջին. - Կ’ընդունէի՞ն գոյութիւնը օրուան բռնապետական ռէժիմին հայաջինջ քաղաքականութեան։ Երկրորդ. - Կ’ընդունէի՞ն հայկական ընդհանուր ջարդի մը հաւանականութիւնը։ Երրորդ. - Պատահական կամ անխուսափելի վտանգի մը ժամանակ` պիտի կրնայի՞ն իրենք զիրենք պաշտպանել. այլ խօսքով` ունէի՞ն պատրաստութիւն։ Չորրորդ. - Եթէ պատրաստութիւն չունէին, կրնայի՞ն ճշդել իրենց կարօտութեան սահմանները։ Հինգերորդ. - Այդ կարօտութեանց բաժիններուն մէջ, ո՞ր մասը կրնային իրենց ուսերուն վրայ առնել։ Վեցերորդ. - Ըլլա՛յ կազմակերպութեանց, թէ կազմակերպական ձեռնարկներու շուրջ, կ’ուզէին յեղափոխականներուն ղեկավարութիւնը։ Եօթներորդ. - Նորեկները որպէս ղեկավար պիտի ճանչցուէի՞ն։ Ահա՛ խտացուած հարցարան մը, որուն տրուելիք պատասխաններէն կարելի էր դատել` ժողովրդեան մը հոգեբանութիւնը եւ օրուան պահանջքին ըմբռնումը։ Վերոյիշեալ բոլոր հեղինակաւոր ներկայացուցիչներուն կարծիքներն ու գաղափարները ստանալէ յետոյ, համագումար ժողովով մը կը նուիրագործուին եօթը հարցմանց նպաստաւոր պատասխաններն ու կը ճշդուին ձեռք առնուելիք բոլոր միջոցները։ Գումարուած ժողովին յաջորդ օրն իսկ, տրուած որոշմանց համաձայն, կը վարձուին խումբ մը ճարպիկ զինագործներ, որոնց պաշտօնը պիտի ըլլար, իրենց ներկայացուած բոլոր անգործածելի զէնքերը նորոգել եւ գործածութեան վիճակի մէջ դնել։ Կը սահմանուին հայ ջորեպաններ, որոնց պարտականութիւնը պիտի ըլլար գիշերանց Մարաշէն փոխադրել հրացաններու կայծ քարեր, աղ, օճառ, եւն։ Կ’ընտրուին նաեւ վառօդ շինելու մասնագէտներ։ Կը նշանակուին հմուտ գործակալներ, որ ծանօթ չէրքէզ բարեկամներու միջոցաւ վառօդի նիւթեր պիտի հայթայթէին։ Կառավարութեան առջեւ վարկ ունեցող անձեր կը տրամադրուին, որոնց պաշտօնը կ’ըլլայ` Զէյթունի շրջականերէն սկսեալ մինչեւ Ալպիսթանի դաշտերէն ելած ցորենի աշարները գնել ու ամբարել Զէյթունի մէջ։ Զէյթունի
99
ձիաւոր ոստիկաններու պետ, հռչակաւոր Նազարէթ իշխան Նորաշխարհեան, պատուոյ խօսք տալով, յանձն կ’առնէ կառավարութեան մէջ անցած-դարձածները օրը օրին հաղորդել յեղափոխականներուն, զանոնք գիտակից պահելու համար եղածներուն եւ ըլլալիքներուն...։ Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներու յարաբերութիւններն ապահովող միջոցներ ձեռք կ’առնուին, գտնելով գաղտնի ճանապարհներու ծանօթ ու ճարպիկ սուրհանդակներ։ Մլեհը, իբրեւ քննիչ ու տեղեկաբեր, կ’ուղարկուի Եդեսիա (Ուրֆա)։ Հրաչեայ, իբրեւ վերին հսկող` ձեռնարկուած բոլոր գործերուն, Զէյթունի շրջակաները պիտի մնար։ Ու երբ, այս բոլոր աշխատութեանց բաժանումները եղած լրացած էին, կ’որոշուի տասնհինգ օրուան համար Աղասին ուղարկել Այնթապի եւ Հալէպի հարուստներուն մօտ, դրամական կարգադրութիւններ ընելու, իսկ Ապահը` Հաճըն Ճանապարհ հանել, ամենակարեւոր պաշտօնով մը, իբր ներկայացուցիչ այն կողմերու հայութեան հետ յարաբերութեան սերտ կապեր ստեղծելու համար։
Ապահ` դէպի Հաճըն (23 Յուլիս – 30 Օգոստոս 1895) Մեկնումը 1895 Յուլիս 23ի երեքշաբթի իրիկունն է։ Արեւը իր վերջին ճաճանչները քաղած է արդէն Արեգինի Անդրէասենց գիւղ, Ալապօզանի այգիներու ձորերէն, երբ գաղափարի ու զէնքի ընկերներ, զիրար կ’ողջագուրեն ու ցտեսութիւն կը մաղթեն։ Աղասին, ջորեպանի զգեստին տակ ծպտուած, ջորեպաններու կարաւանին մէջ կը խառնուի, իսկ Ապահը` իր ամենասիրական ու անբաժան զէնքերը վրան, հաւատարիմ ձին նստած, Ջալլադի (Կարապետ Ղըր-Փանոսեան), Մխօ Շահէնի, մարաշցի Թորոսի եւ Շիվիլկեցի ասպատակապետ Կարապետի հետ` դէպի Հաճըն ճանապարհ կ’ելլէ։ Ջալլադ, խումբին հետ մինչեւ Կապան ընկերանալէ վերջ, թոյլատրուած էր երթալ հայրենի գիւղը` Թաշօլուգ, հոն գտնուող իր սիրելեաց մօր իր կարօտը առնելու։ Ան կը զատուի խումբէն ու կ’երթայ կը գտնէ իր սիրելիները, զորոնք չորս տարիէ ի վեր տեսած չէր։ Յաջորդ օրը, չորս ձիաւորները կը հասնին Կապան, ու կ’ապաստանին տեղւոյն աւերեալ բերդին ամայութեանը մէջ։
Կապանի բերդ Կապանի բերդ։ Ո՞ր հայը չէ լսած այդ անունը. ո՞ր հայորդին չէ կարդացած անոր պատմական անցեալն ու ողբալի վերջաւորութիւնը Ռուբինեան փառքերուն...։ Ո՞ր հայը` ի տես այդ սրբավայրին, արտասուալիր չպիտի դիտէր անոր խորտակուած սիւները, փուլ եկած հաստաբեստ պատերը, կտո՜ր կտո՜ր եղած սրբատաշ քարերը, վերջապէս անոր աւերեալ կողմերը, որ կործանուած Հայաստանի աղեխարշ պատկերը կը ներկայացնէին...։ Խումբը, այլայլած ու արձա-
100
նացած այս աւերակոյտին հանդէպ, ի զո՜ւր կը փնտռէր հայութեան քաղաքական արեւը, որ վերջին անգամն ըլլալով այդ քանդուած բերդին մէջ մարեցաւ... Լեւոն Զ.ի հոն գերի բռնուելովը։ Մինչ այս տխուր մտածումներու մէջ խորասուզուած կը դիտէին ու չէին ուզեր քայլափոխով մ’իսկ խանգարել իրենց դիրքը, յանկարծ, դուրսէն եկած բուի խորհրդաւոր ձայնէ մը սթափած, կը սկսին շարժիլ, տեղաւորուիլ ու նոյնանման ձայնով մը պատասխանել...։ Ու աւերակներու խոռոչներէն ստուերներու պէս կ’անցնին ու պատկառաւոր դիրքով կը մօտենան տասնի չափ անձեր, որոնք Շիվիլկիէն, Պունդուխէն ու Կապանէն հրաւիրուած ժողովրդապետներ են։ Անմատչելի լեռներու ծոցերուն մէջ ապրող, միամիտ ու ազգային անցուդարձերէն անտեղեակ այս մարդիկը, ամբողջ օր մը, ծնկաչոք ու լարուած ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընեն անցորդ յեղափոխականին` Ապահի խօսքերուն, ու անոր բացատրական տեսութեամբը կ’ըմբռնեն «Հայկական Հարց»ին ծագումը, հետեւանքները, ծանրակշիռ վիճակն ու ձեռք առնուելիք միջոցները։ Հրաւիրեալները մեծապէս գոհ կը մնան այդ օրուան իրենց լսածներէն ու տրուած հրահանգներէն, ու կը խոստանան իրենց ազգասիրական պարտականութեանց մէջ անթերի աշխատիլ։ Կապանի Տէր Թորոս քահանան ի վերջոյ իր հայրական օրհնութիւնը ընծայելով խումբին, ձիաւորները կը մեկնին, բերդը վերստին իր դարաւոր լռութեան մէջ թաղելով։ Հազիւ ճամբայ ելած, երկնակամարը կը ծածկուի գորշ ամպերով, կայծակներու ահեղ դղրդիւնները կը յաջորդեն իրարու, եւ անխուսափելի տեղատարափ անձրեւը կը սկսի, որ քիչ ատենէն, լեռներու բարձունքներէն խճախառն հեղեղներ իջեցնելով մթին ձորերու ու ծործորներու մէջ, ահազդեցիկ գիշերուան տեսարանը առաւել եւս սարսափեցուցիչ կը դարձնէ։ Չորս ձիաւորները այդ դժնդակ պայմաններուն տակ կ’անցնին մայրիներու եւ սօսիներու ընդարձակ անտառներէ, ձորերէ, Խանչէրի հռչակաւոր կիրճէն, ու առաւօտեան դէմ կը հասնին ու կ’իջեւանին` Հաճընի հնագոյն սրբավայր` Ս. Յակոբ Մծբնայ վանքը։
Հաճընի դիրքը Հաճըն, մօտակայ աւերակ քաղաքի մը անունով Հարգան կոչուած, կը գտնուի Կիլիկիոյ Ատանայի նահանգին Գօզան գաւառին մէջ, Սիսէն տասը ժամ հեռու, դէպի հիւսիս, անառիկ կիրճերով ամրացած դիրքի մը մէջ։ Քաղաքը եռանկիւնաձեւ է, թերակղզւոյ մը նման, կառուցուած ըլլալով` Սիհունի գետակներէն` Զաթագ սուի եզերքը։ Շրջապատուած է Պաքըր, Ս. Յակոբ, Չաթախ, Քիրազ, Ս. Սարգիս եւ Քէրկէվուն լեռներով։ 3500 ոտք բարձր է ծովէն։ Ռուբինեանց անկախութիւնը տեղի ունեցած ու զարգացած է Հաճընի գաւառին մէջ։ Ռուբէնի անկախութեան առաջին չորս տարիները տեղի ունեցած
101
է ի Կիզքոտրա, որ այժմեան Քէօսէտէրէն է, Գզպէլի ներքեւ, Թօմարզա գնացող ճամբուն վրայ, որմէ վերջ հաստատուած է Կոռօմզօլի ամրոցը ու ապա ի Կայտէն, որ Հաճընի ներկայ Կիւսիմզէ եւ Քէօթիւն գիւղերն են։ Հաճընը կարծուածէն շատ աւելի հին քաղաք մըն է, եւ Հռովմէական Կայսրութեան գլխաւոր պահականոցներէն մին էր Տօրոսի անցքերուն մէջ, դէպի Կապադովկիա տանող։ Կապադովկիան պահող հռովմէական վեց լէգէոններուն մէկ ջոկատը Հաճըն եւ մէկ ջոկատն ալ Վահկայ կը բնակէր, Արշակունեաց թագաւորութեան օրերուն իսկ. երրորդ եւ չորրորդ դարերուն հոծ հայութիւն մը կը բնակէր Հաճընի, Կոկիսոնի եւ Գերդուսի լեռները։ Հաճըն, 13,000 զուտ հայ բնակչութեամբ, անկախութեան պայքարներուն մէջ, երկրորդ տեղը կը բռնէր Զէյթունէն վերջ, ըլլալով յաճախ անոր աջ բազուկը։ Կառավարութեան պաշտօնեաներուն մեծամասնութիւնը ու կարեւոր անձնաւորութիւնները հայերէ կը բաղկանային, այնպէս որ թուրք կառավարութիւնը չէր կրնար իր բռնութիւնը ի գործ դնել, առանց հաւանութիւնը առնելու հայ պետերուն։ Հաճընի ժողովուրդը միշտ ալ գերիշխան վիճակ մը ունեցած է հանդէպ շրջակայ 64 գիւղերուն։ Մինչեւ 1860 թուականը, Հաճըն թէեւ անուանապէս հպատակ էր Օսմանեան կառավարութեան, բայց իրականին մէջ ան գերիշխանութեան տակ կը գտնուէր` Գօզան Օղլու անուն տէրէպէյի ցեղի մը, եւ շնորհիւ այն հանգամանքին որ, Հաճընի առաջնորդներն ու երեւելիները գիտցած են ճարպիկ քաղաքականութեամբ սիրաշահիլ այդ ցեղը, Հաճընի ժողովուրդը բաւական ազատ վիճակ մը ունէր։ Գօզանեաններու անկումը եւ ամերիկեան միսիօնարներուն Հաճըն մուտքը, գրեթէ միեւնոյն թուականներուն կը զուգադիպին եւ Հաճընի զարգացումն ու յառաջդիմութիւնն ալ այդ թուականներէն կը սկսին։ Հաճըն ունէր եօթը եկեղեցիներ. Ս. Աստուածածին, Ս. Գէորգ, Ս. Կիրակոս, Ս. Թորոս, մէկ հայ կաթողիկէ, երկու հայ աւետարանական եկեղեցիներ եւ Ս. Յակոբ Մծբնայ վանքը։ Սրբավայրերն էին` Ս. Ստեփաննոս, Ս. Սարգիս, Ս. Կարապետ, Ս. Առաքել, Ս. Փրկիչ, Ս. Գրիգոր եւն։ Կային ութ նախնական դպրոցներ եւ երկու բարձրագոյն վարժարաններ։
Ուսումնասիրութիւններ Հաճընի շուրջ Ապահի խումբին Հաճըն ժամանման յաջորդ օրն իսկ, այսինքն Յուլիս 26ին քաղաքին վստահելի եւ հեղինակաւոր անձանց լուր տրուած ըլլալով, առանձնապէս կուգան եւ կը տեսնուին խումբին հետ։ Այդ տեսակցութիւններէն վերջ, միեւնոյն շաբթուան մէջ, մասնաւոր կարգադրութեամբ ժողով մը կը գումարուի` Համբարձում աղա Ռէճէպեանի տանը մէջ, ուր ներկայ կ’ըլլան, Հաճընի իշխաններէն` Թէրզեան Յարութիւն, Շըխըրտըմեան Յարութիւն, Պէհատըրեան Մինաս, Պալապանեան Աւագ եւ Ռէճէպեան Համբարձում, ինչպէս նաեւ
102
Համբարձում Պօյաճեանի (Մուրատի) քոյրը` Հայկանոյշ։ Ժողովը կը սկսի գիշերուան ժամը 9ին եւ կը տեւէ ամբողջ երեք ժամ։ Ապահ, ժողովը բանալով կը բացատրէ քաղաքական ամենակենսական շարժառիթներով Հաճըն գալը եւ կ’ուզէ ընդհանուր հասկացողութեան մը գալէ վերջ մեկնիլ։ Ան կը պարզէ անխուսափելի վտանգը որ կը սպառնայ ամբողջ հայութեան, եւ ցոյց կուտայ ձեռք առնուելիք բոլոր միջոցները։ Նախնական ձեւակերպութիւններէն ետք, Ապահ ապաստանելով Սէքսէնեաններու բնակարանը, կ’ուզէ մօտէն ուսումնասիրել քաղաքին ռազմական դիրքը, թուրք կառավարութեան տեղւոյն վրայ ունեցած զինուորական ուժը, հաւանական պաշարումի մը ընթացքին, բնակչութեան կենսամթերքի եւ ռազմամթերքի պարենաւորման միջոցները, եւն։ Ան, ծպտուած կը շրջագայի քաղաքին ներսն ու դուրսը, յաճախ Ս. Յակոբայ վանքէն յարաբերութեան կը մտնէ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հետ. կը ծանօթանայ անոնց մտայնութեան ու հոն տիրող քաղաքական կացութեան, ու տեղւոյն հայ երեւելիներուն հետ համախորհուրդ կը մշակէ գործունէութեան ծրագիր մը որ Զէյթունի ապստամբութիւնը յայտարարուելու պարագային, ինչպէս ուրիշ շրջաններ, նոյնպէս Հաճըն եւս պիտի միանար ընդհանուր շարժման ու սկսուած գործին պիտի տրուէր աւելի մեծ ու պաշտօնական բնոյթ մը։ Ահա՛ գլխաւոր կէտերը, Հաճընի մէջ Ապահի կատարած ուսումնասիրութեանց. Ա. Ռազմական դիրքեր։ Հաճընի հարաւ-արեւելեան ծայրը կը գտնուի դարաւոր բերդ մը։ Արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան կողմը կը գտնուին տաճկաց տուներ։ Դարաւոր բերդին մօտն է կառավարչատունը եւ անոր դէպի հարաւ երկարած է թոյլ զօրանոցը։ Զօրանոցի ետին, երկյարկանի շէնք մը կը գտնուի, որ ի հարկին կրնայ ծառայել զօրանոցի անմիջական գրաւման։ Հաճընի հարաւ-արեւմտեան կողմը կը բարձրանայ Ս. Յակոբայ վանքին համանուն լեռը, որուն ստորոտը կը գտնուի շէնք մը (Ս. Գէորգայ եկեղեցւոյ կից, Հաճընի կեդրոնական մասին մէջ) որ կառավարչատան հանդիպակաց կողմն է։ Այդ շէնքին մէջ (որուն երկու կողմերը ձորեր են), կը բնակին հարիւրի մօտ թուրք զինուորներ. ուրիշ կայաններ կան նաեւ` Հաճընի հիւսիսը` 15 զինուոր, հիւսիսարեւելքը` 25 զինուոր, հարաւը` 200 զինուոր, իսկ հիւսիս-արեւմուտքը` 20 զինուոր, համագումար` 360 զինուոր։ Բ. Մարտիկ Հաճընցին։ Հաճընի հայութեան դարաւոր վրէժը խորունկ էր ու զայն յառաջ բերող պատճառները բազմակողմանի։ Նախ, այս խելացի ժողովուրդին մէջ, որպէս ժայռերու զաւակներ, կը պակսէր զինուորական ոգին. բռնութեան տենչը գոյութիւն չունէր, եւ հետեւաբար, ի հարկին իրենք զիրենք պաշտպանելու տարրական միջոցներէն բոլորովին զուրկ էին։ Իրենց ինքնապաշտպանութեան միակ զէնքն եղած էր ստրուկ ժողովուրդներու յատուկ խորամանկութիւնն ու
103
ճկունութիւնը։ Ժողովուրդը աղքատ մնացած էր, իր օրապահիկը հայթայթելու համար ստիպուած եղած էր տարուան մեծագոյն մասը Հաճընէն դուրս քաղաքներու եւ դաշտերու մէջ անցընել, ատկէ, այս պանդուխտի կեանքն ալ մեծ մասամբ իրենց վրայ վատ ներգործած ու լեռնականներէ տարբեր մտայնութեամբ սերունդ մը ըրած էր։ Ուրիշ խօսքով, մեռելային անշարժութիւն եւ ստրկային համակերպութիւն կը տիրէր։ Նոյնիսկ հաճընցի Ժիրայր եւ Մուրատ Պօյաճեան յեղափոխական եղբայրները, իրենց բնավայրը յեղափոխութեան համար անյարմար գտնելով, առաջինը` Փոքր Ասիոյ, իսկ երկրորդը` Սասունի մէջ ընտրեր էին իրենց գործունէութեան դաշտը։ Այսուհանդերձ, կային նաեւ մտաւորական դասակարգէն երիտասարդներ եւս, որոնք հայրենիքի ազատագրութեան տենչովը վառուած կը փափաքէին ի սպաս դնել իրենց անձերը։ Ինչպէս նաեւ, կային արօտավայրերու վրայ գտնուող խաշնարած հաճընցիներ, որոնք իսկապէս լեռներու զաւակներ` քաջասրտութեամբ եւ կազմուածքով զէյթունցիներու համահաւասար համբաւ կը վայելէին։ Այս դասակարգէն ներկայացուցիչներ եւս եկած տեսնուած էին Ապահի հետ, ու պատրաստակամութիւն յայտնած` հայրենիքին համար կռուելու։
Այց մը Վահկայի բերդին Հաճընցի հովիւ դասակարգին տուած ապահովութեան վրայ, Ապահ, անոնցմէ մէկուն առաջնորդութեամբ, Օգոստոս 3, Շաբաթ օր, քննական պտոյտ մը կատարելու նպատակաւ, ծպտեալ վիճակի մէջ կ’երթայ Վահկայ, ու տեղւոյն ռազմական դիրքերը աչքէ անցընելէ, ու զինուորական ուժը լրտեսելէ վերջ, նոյն օրը կը վերադառնայ Հաճըն։ Վահկայի այդ հինաւուրց պատմական բերդը, Ատանայի վիլայէթին զինուց շտեմարանն էր։ 10,000է աւելի հրացաններ եւ մեծաքանակ ռազմամթերք կար հոն, ու բերդին պաշտպանութիւնը յանձնուած էր 350-400ի չափ զինուորներու, որոնց հրամանատարը, ինքզինք գինեմոլութեան յանձնած պարզամիտ մէկն էր։ Մշակուելիք հողը արդիւնաբեր էր ու նպատակայարմար, եթէ գտնուէին բաւականաչափ անձնուէրներ, քիչ թէ շատ զինուած ու մատակարարուած, մանաւանդ դրամով։ Այսպէս, ինքնապաշտպանութեան ատաղձը ինքնին պատրաստ էր եւ միայն մարդն ու դրամը կը պակսէր։
Մխօ Շահէնի դերը (Մխօ Շահէնի վստահուած պաշտօնը) Իրաց այս վիճակին ելք մը գտնելու միտքով, Մխօ Շահէն, որոշ հրահանգներով, Օգոստոս 5-ին, հաճընցի ուղեցոյց առաջնորդի մը հետ, գիւղացիի հագուստով ճանապարհ կը հանուի, նախ Սիս, ապա Ատանա երթալու համար։ Շահէն Սիս երթալով, կը տեսուի ո՛ւր որ անկ էր, եւ հաւաստումներ կ’ըլլան իրեն` ի հարկին, բացի դրամէ, ցորենով ու այլ պաշարով օգնութեան հասնելու Հաճընի։
104
Սիսէն կ’անցնի Ատանա, սակայն, տեսնելիք անձերէն Կարապետ Կէօքտէրէլեան եւ ուրիշներ բանտարկուած ըլլալով, խոհեմութիւն կը համարէ անկէ մեկնիլ։ Ատանայէն հազիւ վեց ժամ հեռացած, ու տակաւին իր պահած զէնքերուն վայրը չհասած, ճանապարհին վրայ երկու զինեալ ոստիկաններ կը ձերբակալեն զինք ու իբր կասկածելի մէկը` Ատանա տանիլ կ’ուզեն։ Ձերբակալեալը, անխռով ընթացքով կը հետեւի անոնց մինչեւ ճանապարհին կէսը, ուր ոստիկանները ջուրի մը մօտ կը նստին ճաշ ընելու։ Ճաշելէ առաջ, օղիին սրուակը մէջտեղ դրած կը սկսին խմել ու գինովնալ։ Շահէն, այս յարմարագոյն պարագայէն օգուտ քաղելով, վայրկենական արագութեամբ, քովը պահած ամերիկեան փոքրիկ վեցհարուածեանովը շեշտակի նշանառութեամբ, երկու ոստիկաններուն գանկերը փշուր փշուր կ’ընէ, եւ անոնց զէնքերն ու փամփշտանոցները առնելով, կը նետուի ձիերէն մէկուն վրայ ու արագօրէն կը հեռանայ։ Երկու օր լեռներու վրայ թափառելէ վերջ, կը յաջողի մտնել Տէօրթ Եօլ, ուր տեղացիները խանդավառ ուրախութեամբ կ’ընդունին զինք։
Մութ ուժեր Թուրք կառավարութեան Հալէպի կուսակալութեան մէջ ձեռք առած հայաջինջ քաղաքականութեան ծրագիրը, ամիսներ առաջ բացայայտօրէն կ’երեւի։ Լախտի առաջին հարուածը կը պատրաստուէր, յանկարծակի իջեցնելու Զէյթունի գլխուն, որուն պատմական անունն ու համբաւը սարսափ ձգած էր Մարաշէն` Այնթապ, Անտրունէն` Գարապազար։ Ահա՛ այս պատճառով, մութ ուժերը կանուխէն ծնունդ առնելով, դարբնուիլ կը սկսին Հալէպի կուսակալութեան մէջ։ Իսկ Ատանայի նահանգը, թէեւ կը պատրաստուի, բայց միւս նահանգին մէջ եղածներուն թափը չունի, եւ կամ գէթ բացարձակէս գաղտնի կը պահուի ծրագիրը։ Սակայն Մխօ Շահէնի դէպքով այդ գաղտնիքն ալ կը պարզուի։ Այն ոստիկանները որոնք Շահէնը կը ձերբակալեն, շրջուն հեծեալ լրտեսներ են, որոնց նման ուրիշներ եւս, նոյն պաշտօնով, տարածուած են ամբողջ Ատանայի նահանգին մէջ։ Ապահի ուղղեալ Շահէնի Տէօրթ Եօլէն ուղարկած տեղեկագիրը շատ մը մանրամասնութիւններ կը պարունակէ` իր ձերբակալման պարագաներուն, եւն.ի մասին։ Նոյնպէս Զէյթունէն Հաճըն հասած սուրհանդակը լուր կը բերէ` Կոկիսոնէ Հաճըն նոր զինուորական կայաններու մասին։ Ատանայի մէջ եղած նոր բանտարկութիւնները, աչքառու երիտասարդ ուժերու ձերբակալումները` շրջուն հեծեալ լրտեսներու կողմէ, զինուորական նոր կայանները, եւն, որոշ կերպով ցոյց կուտան թէ Ատանայի նահանգն ալ իր չարագուշակ դերին մէջն է, ինչպէս Հալէպինը։
105
Հրահանգներ Ապահ, ստացած տեղեկութեանց վրայ, վերջին ժողով մըն ալ գումարելով, իրաց ընդհանուր կացութիւնը կը պարզէ, ու հետեւեալ հրահանգները տալով, մեկնելու պատրաստութիւն կը տեսնէ, քանզի այդ օրերուն, արդէն Զէյթունէն ալ հրաւիրուած էր։ Տրուած հրահանգներն էին. Դաշտային Կիլիկիոյ մէջ ցրուած բոլոր հաճընցի արհեստաւորները, գաղտնի հրաւէրներով, անյապաղ Հաճընի մէջ կեդրոնացնել. վառօդի պատրաստութիւնը յառաջ տանիլ. զէնքեր հայթայթելու գործը շարունակել եւ անյապաղ զինել հովիւ դասակարգը. Սիսէն ցորեն բերել տալով պաշար ամբարել. քաղաքին մէջ գիշերապահներու խումբեր կազմակերպել. հրդեհի եւ այլ անակնկալներու դէմ աչալուրջ հսկողութիւն ընել. ժամանակ շահելու համար քաղաքին գայմագամին եւ բոլոր պաշտօնեաներուն հետ հաշտարար քաղաքականութեամբ վարուիլ. Զէյթունի հետ սերտ յարաբերութեան մէջ մնալ, ու սպասել զէյթունցիներու արշաւանքին, եթէ պարագաները ձեռնտու ըլլային։ Անցողակի ըսենք, որ վերոյիշեալ հրահանգները գործադրելու եւ եղած կարգադրութեանց մօտէն հսկելու պաշտօնը կը պատկանէր Հնչակեան Կուսակցութեան Հաճընի Մասնաճիւղին, որուն հետ Ապահ քանիցս ունեցած էր հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ։ Այդ օրերուն, Հաճընի տեղական Մասնաճիւղին մէջ կը գտնուէին հետեւեալները. Միհրան Գայեան, Եսայի Մանկըրեան, Մինաս Թուր-Սարգիսեան, Միսաք Ռէճէպեան, Համբարձում Սարըճեան, Տիգրան Ճիկէրճեան, Յակոբ, Մարտիրոս եւ Տիգրան Սէքսէնեաններ, Ահարոն Գըրգեաշարեան, Համբարձում եւ Միսաք Շըխըրտըմեան, Հաճի Աւագ Պալապանեան, եւն.։ Ասոնց ղեկավարն էր Մըշեան քահանան, իսկ սուրհանդակի պաշտօնը կը կատարէր Եփրեմ Աշըրեան։
Հաճընէն Գարանլըգ-Տէրէ Կիրակի, Օգոստոս 25ի պայծառ գիշեր է։ Օրուան այդ խաղաղ պահուն, Հաճընի օձապտոյտ ճանապարհէն դէպի վեր կը բարձրանան, զինուորական տարազով չորս ձիաւորներ, մէկ ջորեպան եւ երկու հետիոտն կալանաւորներ...։ Այս փոքրիկ կարաւանը, հեռուէն կամ մօտէն դիտող մը, ընդափոյթ պիտի եզրակացնէր թէ ձերբակալեալ երկու հայ յեղափոխականներ կը տարուէին։ Կարաւանին ձիաւորներէն երեքը ոստիկաններ են, իսկ չորրորդը, խոժոռ դէմքով թուրք երիտասարդ քաղքենիի մը ձեւը առած հարիւրապետ մը։ Ոստիկաններէն մին յառաջապահ ձիաւորն է, որուն կը յաջորդէ ջորեպանը, իր ջորիին վրայ բեռցուած ուտելիքի պաշարներով ու ձերբակալուած յեղափոխականներուն խնամքով ծրարուած ու կարմիր կնիքով կնքուած զէնքերն ու ռազմամթերքը։ Ջորեպանին կը հետեւին կալանաւորները, որոնք հագած են հայ ասպատակներու համազգեստ, եւ գլուխնին կը կրեն ռուսական սեւ բաբախներ։ Ասոնց քովն
106
ի վեր կ’երթան մնացեալ երկու ոստիկաններն ու հարիւրապետ սպան։ Եւ եթէ ճանապարհին վրայ հանդիպելիք զինուորական կայաններ հետաքրքրուէին ու բացատրութիւն ուզէին յիշեալներու մասին, տրուելիք պատասխանը պիտի ըլլար շատ պարզ ու մեկին, թէ` սոյն երկու յեղափոխականները ձերբակալուած էին Գօզանի Սանճագի լեռներուն մէջ, ու մարաշցի ըլլալնին խոստովանելով` կը տարուէին Մարաշի միւթէսարըֆին, որպէսզի ինքնութիւննին ճշդուէր ու ըստ այնմ պատիժնին կրէին։ Ուշիմ ընթերցողը անշուշտ կրցաւ կռահել թէ` այս խումբը որոնցմէ կը բաղկանար եւ ուր կ’երթար...։ Խումբին, հարիւրապետի զգեստին տակ եղող երիտասարդ սպան էր Ապահ, երեք ժանտարմաներն էին Մարաշցի Թորոս, Շիվիլկեցի ասպատակապետ Կարապետ, եւ երրորդը` հաճընցի հայրենասէր գործիչ վարժապետ Միհրան Գայաեան, կալանաւորներէն մին` Հաճընի սուրհանդակներէն Յակոբ, միւսը` խորամանկ ջորեպան մը, ընկերը` միւս ջորեպանին, որ ճիշդ թուրքի մը պէս ծպտուած էր։ Կարաւանը նոյն գիշերը կը մտնէ Խանչէր Պօղազին, ուր կը գտնուէին երեք ոստիկան գինուորներ եւ մէկ տասնապետ, եւ որոնց հետ սիրալիր կարճ քանի մը խօսքեր փոխանակելէ ու զանազան կարեւոր տեղեկութիւններ քաղելէ վերջ, կը մեկնին, բարեւներ տալով Չէրքէզ Մուհամէտ օնպաշիին եւ ընկերներուն, որ Խանչէրէն երեք ժամ հեռու կը զտնուէին։ Առաւօտեան դէմ Կոկիսոն կը հասնին ու Տէյիրմէն Տէրէսիի համանուն գիւղի մէջ եղած զինուորական կայանէն ալ պրծելով` կը հասնին Կանչիի լեռնոտ դիրքերուն ու կը մտնեն Չուգուր Հիսարի սահմանները։ «Կալանաւորներ»ը, իրենց ստանձնած դերը լիակատար գիտակցութեամբ կատարած ըլլալով, իրենց չգործած յանցանքներուն համար հանդիսաւոր կերպով ներում կը ստանան ու կապանքներէն կ’ազատին։ Նոյնպէս կարմիր կնքամոմերով պատուած եւ խնամքով ծրարուած զէնքերն ալ լոյս աշխարհ կ’ելլեն, ու զինուորական կարաւանը կատարեալ արշաւախումբի մը կերպարանքը կ’առնէ։ Այլեւս, շարժելու, ցատկելու եւ երգելու լիակատար ազատութիւն կը վայելեն, շնորհիւ այն պատմական անմատչելի վայրերու, ուրկէ թուրք բռնակալութեան հաւատարիմ պաշտօնեաները հազար խարխափումներով միայն կրնային անցք մը գտնել։ Խումբը կ’իջեւանի Չուքուր Հիսարէն Ֆռնուզ տանող կածանի սկիզբը, ապառաժներով շրջապատուած վայրին մէջ, ու հետեւեալ օրը, երեքշաբթի, Օգոստոս 27ին, նշանաւոր կածանէն անցնելով, կը թեւակոխէ Ֆռնուզի այգեստանները։ Հաճընէն վերադարձող խումբին Ֆռնուզ հասնելուն լուրը կարգ մը կարեւոր շրջանակներէ լսուած ըլլալով, կը փութան անոնց մեկնելէն առաջ տեսութիւններ ունենալ։ Հասարակ ժողովուրդը անգիտակ պահելու մտօք, հաւաքումները տեղի կ’ունենան գիշերները ուշ ատեն։ Ժողովրդեան գլխաւորներէն տեսնելու կուգան`
107
Ֆռնուզի միւտիր Պըլտըր Օղլու Գէորգ Էֆէնտի, Բարթողիմէոս Վրդ. Թագաճեան, Չինիկէօզեան Պետրոս, Ալաճաճեան Էմմանուէլ, Թէլէմէլիքի Տ. Մարտիրոս քահանան, եւն։ Այսպէս, երեք գիշեր շարունակաբար խորհրդակցութիւն ընելէն վերջ, խումբը գոհունակ սրտով կը մեկնի դէպի Գարանլըգ-Տէրէ, Օգոստոս 30ի Ուրբաթ օրը, ուր համախմբուած կը սպասէին շատեր։
Աղասի` դէպի Այնթապ (23 Յուլիս - 29 Օգոստոս 1895) Մլեհ, նախապէս Սուէտիայէն, իբրեւ քննիչ ու տեղեկաբեր, ուղարկուած էր Եդեսիա (Ուրֆա)։ Տեղւոյն հայերը, կանխած էին անոր հետ Աղասիի խումբին հասցնել` յիսուն ոսկիի գումար մը։ Մլեհին հետեւած էր իբրեւ կամաւոր, խարբերդցի Նշան Ղազարոսեան։ Հնչակեան Կուսակցութեան Այնթապի Մասնաճիւղի անդամները, որոնք ամէնէն աւելի հետաքրքրութիւն ցոյց կուտային դէպի կիլիկեան ընդհանուր ապստամբութեան մը ծրագիրը եւ կը փափաքէին դրապէս օգտակար հանդիսանալ եւ իրենց մասնակցութեան բաժինը բերել Ս. Գործին, Մլեհի միջոցաւ կը հրաւիրեն Աղասին որ անմիջապէս Այնթապ մեկնի, ուր իրեն կը սպասէր 2000 ոսկիի հանգանակութիւն մը, որմէ յետոյ Մարաշը պիտի տար 2000 ոսկի, իսկ Հալէպը 4000. եթէ երբէք այդ վերջին երկու քաղաքները ամբողջութեամբ կատարէին իրենց պարտականութիւնները...։ Հակառակ որ այդ օրերուն Աղասիի համար Մարաշէն Այնթապ երթալը խիստ վտանգալից ճամբորդութիւն մըն էր, այսուհանդերձ պարտականութիւնը կը կանչէր. հա՛րկ էր որ երթար։ Առանց այդ ճամբորդութեան Զէյթունի ապստամբութիւնը տեղի չէր ունենար եւ նոյն ատեն կը ջարդուէին Կիլիկիոյ հայերը։ Ուստի Աղասի նոյնհետայն կը ցրուէ խումբը։ Ապահ, Մխօ Շահէնի եւ Ճին Թորոսի հետ կը մեկնի Հաճըն. Հրաչեան կը մնայ Զէյթունի մօտերը. Ջալլադ կ’երթայ դէպի Կոկաց երկիր (Կոկիսոն) եւ Կապան։ Ապահի, դէպի Հաճըն մեկնած օրը, այսինքն, Յուլիս 23ի երեքշաբթի երեկոյեան, Աղասին եւս ջորեպանի զգեստին տակ ծպտուած, մարաշցի սուրհանդակ Մինաս Էլմաստեանի (Ասլանին) հետ, Արեգինցի ջորեպաններու կարաւանին մէջ կը խառնուի, որոնք մինչեւ առաւօտ ճամբայ կտրելով կը հասցնեն զինք Ախըռ տաղի կողին, Մարաշի այգիները ու կը վերադառնան։
Ա. հանգրուան Յուլիս 24ի իրիկնադէմին, Աղասի եւ Ասլան Մարաշի գերեզմանատունը կ’իջնեն, ուր Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Նահապետեան կը սպասէր, եւ իբր մեռելաթաղներ, մթնշաղին, բուրվառ, շուրջառ եւ ճաղ ի ձեռին կ’անցնին քաղաքի մէջէն ու կը հասնին Մարաշի հարաւային եզերքը, Արթին Տիլլօեանի տունը։ Նախ քան Աղասիի Մարաշ մեկնիլը, տեղւոյն Հնչակեաններ, ուսուցիչ
108
Սարգիս Սամուէլեանի ատենապետութեամբ մեծ ժողով մը գումարած էին` Կեդրոնական Վարժարանի մէջ։ Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք որոշուած էր` Աղասիի եւ Զէյթունի երեւելիներուն իրենց տուած խոստումը յարգել` գործակցելով Զէյթունի շարժումին։ Աղասի, թէեւ Մարաշ գալուն կը տեղեկանայ տրուած որոշման, սակայն մարաշցիք չեն կրնար ապահովել նաեւ իր` դէպի Այնթապ անվտանգ մեկնումը։ Այսուհանդերձ անոնք պատրաստած էին ջորի, տախտակ, ջորեպանի լաթեր եւն։ Մարաշի վարչութիւնը վստահ չէր բնաւ ձեռնարկի յաջողութեան։ Ի՞նչպէս պիտի կրնար անցնիլ դէպի Այնթապ...։ Շէյխ Ալի Ռիզա Իրենց այս դժուարին կացութեան մէջ Աղասի կը մտածէ ելք մը գտնել։ Իրեն ապաստան տուած տանուտէրը, Արթին, Աղասիի կ’առաջարկէ իր մայրը տեսնել։ Հոս խօսքը տանք Աղասիի.
Անուշ բարեւելէ յետոյ, ազնուահոգի տիկինը, ձեռքերս բռնեց եւ արտասուալից աչքերով խօսեցաւ ինձ. «Այնթա՞պ կ’ուզես երթալ». այո՛, պատասխանեցի։ «Մէկ մարդ միայն կայ, որ կրնայ տանիլ զքեզ ապահով, Շէյխ Ալի Ռիզան»։ Թո՞ւրք մը, բացագանչեցի։ «Այո՛, թուրք մը, իմ հարազատ որդիս, այն պայմանաւ սակայն, որ խոստանաս զինքը Քրիստոնեայ մկրտել»։ Եթէ այդ է փափաքդ, ըսի իրեն, ո՛չ միայն զինքը Քրիստոնեայ կը մկրտեմ, այլ Հայ Քրիստոնեայ եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան. այդ ի՛սկ է իմ առաքելութիւնս, Հայ Յեղափոխական առաքելութիւնը։ «Ատիկա ոչ միայն իմ վերջին փափաքս, այլ զաւակիս միակ փափաքը, երազն է»։ Ու անմիջապէս քովի սենեակը հրամցուց, ուր նստած էր կանանչ փաթթոցով 45 տարեկանի մօտ Մահմետական Շէյխ Ալի Ռիզան։ Ու Շէյխը պատմեց թէ ինչպէս քսան տարի առաջ Օվաճըգցի թրքուհիի մը սիրահարուելով տաճկըցած էր, անկէ ունեցած էր զաւակներ, հասած էր մեծ պատիւներու, թուրքերու կողմէ ճանչցուած էր իբր հրաշագործ եւ նոր Մարգարէ. սակայն այդ բոլորէն յետոյ խղճահար էր, ու կը փափաքէր վերստին ընդգրկել քրիստոնէութիւնը։ Այնչափ յուզուած էր խեղճ մարդը եւ այնչափ ջերմ էր իր հաւատքը, ձեռքերը սեղմեցի, բարեկամս, ըսի, դուն զիս Այնթապ տար ապահով ու ես զքեզ հոն Հայ Քրիստոնեայ կը մկրտեմ. իրաւ է թէ կրօնաւոր չեմ, բայց հայ Ազատագրութեան ուխտի Առաքեալն եմ։ «Ատիկա ինձ բաւական է, ըսաւ, 24 ժամէն Այնթապ կը լինենք»3։ Յաջորդ առաւօտ արշալոյսին, Աղասի, ընկերակցութեամբ Շէյխ Ալիի, եղբօրը` Արթին Տիլլօեանի եւ Ասլանի կը մեկնին դէպի Այնթապ։ Մարաշէն ոչ ոք կ’իմանայ։ Վարչութեան կը հաղորդուի թէ Աղասի վերադարձած է Արեգին։
109
Դէպի Այնթապ Ծպտուած կարաւանը կը յառաջանայ։ Աղասի, արեգինցի ջորեպանի հագուստով կ’ընթանայ ջորիներու քովէն, տախտակներով բեռցուած։ Ան իբրեւ թէ Այնթապ կ’երթար իր մէկ հիւանդ եղբայրը տեսնելու։ Ջորիները իրն էին, իսկ տախտակները` Արթինին. Ասլանը այս վերջնոյն ծառան ձեւացած է։ Շէյխ Ալի Ռիզան, կարաւանին գլուխը անցած է, ջութակն ի ձեռին մէվլայի կանչելով։ Արդարեւ, հանդիպած ամէն թուրք եւ ոստիկան կը շտապեն ձեռքերն ու քղանցքները համբուրելու։ Կը պատահին ոստիկանական խումբերու, բայց չեն նեղեր զիրենք, քանի որ Ալի Ռիզայի կեավուր եղբօր բեռները կը տանէին...։ Գաբու-Չամի մէջտեղ 18 ձիաւորներ կը շրջապատեն զիրենք, կը հարցուփորձեն Շէյխը, ու ան ամենայն պաղարիւնութեամբ կը հանդարտեցնէ մտքերը։ Այդ կ’ըլլայ փրկութեան անձագիրը։ Կէսօրուան ապահով կը հասնին Պազարճըգ։ Մէկ ժամ հանգստանալէ յետոյ կը մեկնին։ Մթնշաղին կ’անցնին Դարեւանդի պահականոցէն։ Գաբու-Չամի ձիաւորները սակայն, չգոհանալով Շէյխին տուած խուսափողական պատասխաններէն, կը հետապնդեն զիրենք լեռներուն մէջ։ Յուլիս 26ի առաւօտեան արշալոյսին, կը հասնին Այնթապի հայկական այգիներուն մէջ, էռէմպէկ կոչուած վայրը, ուր զիրենք դիմաւորելու կուգան, Սողոմոն Պաստաճեան, Յակոբ Ասատուրեան, Տօքթ. Էնֆիյէճեան, Տօքթ. Ա. Նագաշեան եւն։ Հոն, Աղասի պատի մը ներքեւ կ’երկարի ու մէշլահին մէջ փաթթուած կը քնանայ։ Ընկերները քաղաք երթալով, իրեն համար կը ճարեն ուսանողի հագուստներ, ու ինք փոխուելով, պարտէզներու մէջէն կը մտնէ Այնթապ։
Հաւատափոխի մը անձնուրացութիւնը Հանգանակութեան ձեռնարկելէ առաջ, Աղասի, պէտք էր յաջորդ օրն իսկ իր խոստումը կատարէր` Շէյխ Ալի Ռիզան քրիստոնեայ մկրտելու։ Վեհ եւ սարսռիչ կ’ըլլայ արարողութիւնը. ան տեղի կ’ունենայ Յակոբ Քէչէճեանի տան մէջ, ի ներկայութեան այս վերջնոյն մօր, քոյրերուն եւ եղբօր` Տօքթ. Ն. Քէչէճեանի։ Բակին դռնէն մինչեւ սրահին դուռը երկու գծի վրայ լուռ ու վեհաշուք կը շարուին խումբ մը զինուած Հնչակեաններ։ Շէյխ Ալի Ռիզան ծնրադիր ու արտասուալից աչքերով ներս կը մտնէ մինչեւ սրահին մէջտեղ։ Սեղանին վրայ դրուած են սուր, դաշոյն, ատրճանակ, այս ամէնը լայնածաւալ Ս. Գրքի մը վրայ։ Այս յուզիչ հանդիսաւորութիւնը նոր ուխտն էր, ո՛չ միայն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեանութեան, այլ նաեւ Քրիստոնէութեան դարձին։ Ամէն բառ խոր շեշտով ու արցունքով կը կրկնէ` դէպի իր պապերուն հաւատքը դարձնող նորագիր զինուորագրեալը, եւ կը համբուրէ զէնքերն ու Աւետարանը։ (Տարիներ վերջ, Տօքթ. Նազարէթ Քէչէճեան4, Գահիրէի մէջ, Աղասիի կը խոստովանի թէ, անմիջապէս Աւետարան մը չկրնալ գտնելուն, մկրտութեան
110
պահուն Աղասիի տուած էր իր բժշկութեան ուսանողական գիրքը։ Սակայն իր ատենին տարբերութիւն չէր ըրեր։ Միամիտ հաւատքը զայն իբր Աւետարան ընդունած էր...։) Այնուհետեւ Շէյխը մէկդի կը նետէ կանանչ փաթթոցը, իր անունն ալ փոխելով կը կոչուի Սարգիս Տիլլօեան։ Կիլիկիոյ այդ ամենախիստ պաշարման ամիսներուն, որ անհնար էր Կեսարիա երթալ եւ բորակ փոխադրել դէպի Արեգին` վառօդ ծեծուելու համար, Սարգիս Տիլլօեան` յեղափոխականներուն նախախնամութեան հրեշտակը կ’ըլլայ։ Իբր մահմետական հանրածանօթ շէյխ, ան, ո՛չ միայն անոնց կը բերէ թրքական շարժումներու լուրերը, այլ կ’երթայ մինչեւ Ատիաման, Պէհէսնի, Մալաթիա, Բերդուսի գիւղերը ու կը բերէ` բորակ, վառօդ, եւ արճիճ ու կը յանձնէ զանոնք Արեգինի որոշուած վայրերը։ Ա՛ն է որ, կոտորածի մերձակայ օրերուն, Մարաշէն դուրս կը հանէ, մարաշցի մեծահարուստ Եզրաս Էմրալեանի տուած 40 կենդենար արճիճն ու 40 քարիւղի թիթեղատուփերով լի վառօդները ու կը յանձնէ զէյթունցի ջորեպաններուն, որոնք կը սպասէին անոր` Ախըռ Տաղի կողին։ Մէկ խօսքով այս քաջարի ձեռնարկներուն շնորհիւ է որ կարելի կ’ըլլայ ընել Բերդուս չայի առաջին ճակատամարտը եւ յետոյ գրաւել Զէյթունի զօրանոցը։ Դարձեալ առանց այս անձին հանրածանօթ մահմետականութեան, վերջին ամիսներուն հանգանակուած դրամներն իսկ արժէք չպիտի ունենային։ Այսպէս Սարգիս Տիլլօեան ի վերջոյ կը մատնուի` իր եղբօր Արթինի հետ, կը բանտարկուի, անլուր տանջանքներու կ’ենթարկուի, եւ 1897ին ընդհանուր ներումի ժամանակ, բանտէն ազատուելէ քիչ յետոյ կը մեռնի։ Արծաթապաշտ ոգին Աղասի իր յուշերը շարունակելով, այսպէս կը գրէ.
Մեր հանգանակութիւնը իր ակնկալուած յաջողութիւնը չունեցաւ թէ՛ Այնթապ, թէ՛ Մարաշ, եւ թէ՛ ի Հալէպ։ Ժողովրդային տրամադրութիւնը լաւ էր. պիտի կարենայինք հաւաքել մեր ակնկալածին կրկնապատիկը, եթէ Այնթապի աղաները լինէին միաբան։ Անոնք միաբան էին, եթէ չլինէր վատոգի, կծծի, մեծամիտ ու տարասերուած աղա մը, Հայ Բողոքականներու ազգապետ` Կարապետ աղա Պարսամեան։ Այս մարդուն հոգին ալ ճանկին մէջն էր Վեր. Մանասէ Փափազեանի։ Թող հայ ազգը չմոռնայ այս երկու մարդոց անունները։ Առաջին տեսութեանս մեր պատուական ընկերներէն Յարութիւն աղա Նազարէթեան, մին, Այնթապի մեծահարուստ, հայրենանուէր ու յեղափոխական գերդաստաններէն, այսպէս յարեց. «Քու անունդ կայսերական լսած ենք, չէր արժեր որ կեանքդ վտանքդ վտանգէիր 2000 ոսկիի համար. ատիկա մէկ հոգի կրնար տալ»։ Դժբախտաբար մէկուն մասնակցութեան բացակայութիւնը եւ պատուելի Փափազեանի հակառակ քարոզութիւնը երկիւղ ազդեցին հայ աղաներուն, վախցան մատնուելէ եւ չմասնակցեցան հանգանակութեան։
111
Անձամբ տեսայ Կարապետ աղա Պարսամեանը, որ ունէր մօտ 20 հազար ոսկիի կարողութիւն մը. երկու ոսկի միայն ուզեցի. անաստուածը մերժեց այդ փոքրիկ ու աննշան խնդիրքս. ապահովութեան հաւաստիք միայն կ’ուզէի. ինչ որ խոստում առի անկէ սա էր. «Պատուելի Փափազեանը տե՛ս, եթէ նա հաճի, կրնամ տալ ուզածդ»։ Յաջողութիւնը կախուած էր ուրեմն լոկ Պատ. Մ. Փափազեանէն։ Ժամադրութիւն տուի եւ տեսնուեցանք Որբանոցի շէնքին մէջ։ Հինգ հոգի էինք հոն, Պատ. Փափազեան, ԲրօՖ. Յովհ. Գրիգորեան եւ Տօքթ. Հապիպ, երեք ներկայացուցիչները հայաքանդ Միսիօնարութեան, ես եւ ընկ. Սողոմոն Պաստաճեան (Եռանդ Լուսինեան), տնօրէն Վարդանեան Վարժարանին, եւ ներկայացուցիչ Այնթապի Ս. Դ. Հնչակեան Վարչութեան։ Երկար վիճաբանութիւններէ յետոյ, բաւական համոզեցի ԲրօՖ. Գրիգորեան, մանաւանդ Տօքթ. Հապիպ, որ աւելի լաւ հոգի մը ունէր, բայց Պատ. Փափազեան անուղղելի յամառ մըն էր, կարծես Բաղաամ նստած լինէր գանկին վրայ։ Մեկնեցայ զայրացած եւ յուսահատ։ Սա տողերս թող հերքեն անոնք, որոնք որ կրնան կամ կը փափաքին։ Եթէ վեց հազար ոսկի հաւաքած լինէի, կամ ունենայի ինչ որ եթէ հայ պահպանողականները գիտնային իրենց պարտքը կատարել ամբողջութեամբ, պիտի կրնայի գրաւել ո՛չ միայն Զէյթունի եւ Անտրունի գաւառները, այլ Հաճըն, Վահկայ, Սսի եւ Մարաշի Սանճագները եւ հաւանական է Այնթապ եւ միանայի Չոք-Մարզպանի եւ Սուէտիոյ։ Կ’ըլլայի անպարտելի եւ հայկական իշխանութիւնը կամ ինքնավարութիւնը 1896 թուին կը հիմնէինք Կիլիկիոյ մէջ։ Ահա թէ ի՛նչ բան սպաննեց Վեր. Մանասէ Փափազեան։ Եթէ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչը փոխանակ լինելու կիլիկեցի Աղասին, լինէր Վահէն (Ալեքսան Արզուեան) կամ Դաշնակցական մը, այսօր Պատ. Փափազեանի ոսկորները 24 տարի առաջ չորցած կը լինէին։ Մեր ընկերները որոշեցին սպաննել Պատ. Փափազեանն ու Կարապետ աղան, բայց վերջին պահուն չուզեցի. հակառակ եղած եմ բռնի դրամ գանձուելուն։ Թող միլիօն մը անմեղներու արիւնը յանցապարտներու խղճին ծանրանայ։ Տէռօրական գործողութիւնը կասեցուցի գործադրութենէն մէկ վայրկեան առաջ։ Վերոյիշեալ մեր երկու հայ ոսոխները փողոցի անկիւնէն կը դառնային եւ պատրաստ էին գնդակահարուելու, պատգամաւորս հասած էր եւ կասեցուցած զանոնք5։ Այնթապի հանգանակութիւնը սակայն բոլորովին ձեռնունայն չ’ըլլար։ Աղքատ դասակարգէն հանգանակութիւնը կը հասնի մօտ 250 ոսկիի։ Աղաներէն միայն երկուքը կը մասնակցին. Յարութիւն Նազարէթեան եւ աշոտցի Սարգիս Սահակեան, այս վերջինը առանձին տալով 48 ոսկի։ Հալէպէն կը ստացուի 400 ոսկի, որուն մեծ մասը տուած էր` տեղւոյն Հնչակեան Մասնաճիւղի ատենապետ` Կարապետ աղա Աճէմեան։ Իսկ Մարաշէն մօտ 120 ոսկի, առանց հաշուելու` մարաշցի մեծահարուստ Եզրաս Էֆ. Էմրալեանի Զէյթունի նուէր տուած 40 թիթեղ լեցուն վառօդն ու 40 կենդենար կապարը։ Ան ի վերջոյ արիաբար կը կռուի եւ կը վառի իր տան մէջ, չուզելով անձնատուր ըլլալ։ Վերոյիշեալ դրամներով կը գտնուին` աղ, վառօդ, բորակ եւ արճիճ։ Փոխա-
112
դրութեամբ կը զբաղին զէյթունցիք, արեգինցիք, ֆռնուզցիք, ֆընտըճագցիք. իսկ այդ փոխադրութիւնները կը դիւրացնեն Շէյխ Ալի Ռիզա (Սարգիս Տիլլօեան), մարաշցի Ասատուր Գազանճեան (Լօրտ), Արթին Տիլլօեան, Ասլան, եւն։
Վերադարձը Հանգանակութիւնը կը տեւէ վեց շաբաթ. Աղասի կը փութացնէ իր մեկնումը դէպի Զէյթուն։ Սակայն մեկնելէ առաջ, այնթապցիք Աղասիի կ’ընծայեն իրենց վերջին նուէրը. անոնք իրեն կ’ընկերացնեն ճոխօրէն զինուած այնթապցի կտրիճ կամաւորներու խումբ մը։ Անոնք էին. Մանուկ, Արթուշ եւ Կարուճ Պիլէմճեան եղբայրներ, Աշոտ Շամրամեան, Փայլակ (Յակոբ Օհանեան), Ապուճան (Յակոբճան) Աւագեան եւ Ներսէս Գազանճեան։ Ասոնք ամէնքը միասին Արթին Տիլլօեանի առաջնորդութեամբ կը մեկնին դէպի Մարաշ. բեռնակիրը կ’ըլլայ Ֆընտըճագի գիւղապետը իր երկու ձիերով։ Մարաշի մէջ կ’իջեւանին Յարութիւն եւ Դաւիթ Պէրթիզլեաններու բնակարանը։ Յաջորդ գիշեր Աղասի, Այնթապէն իրեն ընկերակցած կամաւորներուն, ինչպէս նաեւ մարաշցի ուրիշ վեց Հնչակեաններու առաջնորդութեամբ կը տարուի Մարաշի հայոց գերեզմաննոցը, ուրկէ` Ֆռնուզէն նոր վերադարձող Ասլանի եւ ուրիշ առաջնորդներու միջոցով կ’անցնի Զէյթուն։ Այս վտանգալից ճամբորդութենէն յետոյ երբ Արեգինի սահմանները կը մտնեն, անոնք կը քակեն իրենց բեռները, մէկդի կ’ընեն իրենց մէշլահները, ու այլեւս առանց ծպտեալ վիճակի, արձակ-համարձակ իբր հրոսախումբ մուտք կը գործեն Գարանլըք-Տէրէ, Օզոստոս 29ին, ուր հետեւեալ օրը Հաճընէն պիտի հասնէր նաեւ Ապահ իր խումբով։
Առաքելութեանց արդիւնքը Մինչեւ 30 Օգոստոս, Կիլիկիոյ ամէն կողմերէն եկող սուրհանդակները, գաղտնի նշանագրերով գրուած նամակներու տրցակներ կը բերեն, որոնք ամէն շրջաններէ ընդարձակ տեղեկութիւններ կը պարունակեն։ Յիշեալ գրութիւններէն կ’եզրակացուէր թէ հայրենասիրական կենդանարար զով զեփիւռը ծայր տուած էր Սուէտիոյ Մուսա Տաղի բարձունքէն ու տարածուած` Կիլիկիոյ ամբողջ քաղաքներն ու գիւղերը, եւ իբրեւ անմիջական արդիւնք, սկսած էին ամէն տեղ մէկ ծրագրով, ինքնապաշտպանութեան բարերար միջոցներուն վրայ մտածել ու պատրաստ ըլլալ դիմագրաւելու այն Կարմիր Օրուան որ շատ հեռու չէր...։ Յեղափոխական գործիչներու կողմէ տեղական կազմակերպութեանց տրուած հրամաններն են` ինքնամփոփ եւ առանց ցուցամոլութեան, լրջօրէն խտացնել իրենց շարքերը, եւ միեւնոյն ատեն, քայլ առ քայլ հետեւիլ տեղական իշխանութեանց շարժումներուն, զոր շարունակ, մէկ օրէն միւսը, փոխուելու վիճակի ենթակայ էին...։ Այդ հրահանգները իրենց ամենամեծ օգուտները կ’ունենան, մասնաւորապէս
113
Մարաշի, Այնթապի եւ Հալէպի շրջաններուն մէջ, որոնք` զինուորական գործողութեանց կեդրոններու հանգամանքով մեծ նշանակութիւն ունէին։ Նամանաւանդ Հալէպ, ուր կ’ուղղուէին Պոլիսէն եկող հրամանները, եւ ո՛ւր, ձեռք առնուած խելացի կարգադրութեանց շնորհիւ, զինուորական ամէն գաղտնիք, օրը օրին իր պատկանեալ տեղը կը հասնէր անվրէպ։ Յեղափոխական գործիչները, միեւնոյն օրերուն մէջ, յաջորդաբար առանձին նիստեր կ’ունենան. կը քննեն Ապահին` Ատանայի շրջանէն բերած մանրամասն տեղեկութիւնները, եւ Հաճընի լեռնոտ սահմաններուն մէջ գտնուող զինուորական ուժերու վիճակը։ Այդ կարեւոր խնդիրներու շուրջ երկար խորհրդակցութիւններէ վերջ, նկատի ունենալով նիւթական ուժերու եւ առ այդ ձեռք առնուած միջոցներու անբաւարարութիւնը, կ’որոշուի առժամապէս յետաձգել` ապստամբութեան Հաճընի եւ շրջակայից օժանդակութեան ծրագիրը, ուժ տալով միմիայն Զէյթունի ինքնապաշտպանութեան գործին։ Մլեհի եւ Աղասիի առաքելութիւնները եւս, ակնկալուած յաջողութիւնները չէին ունեցած։ Բացուած վեց հազար ոսկիի հանգանակութիւններէն հազիւ հազար ոսկիի չափ գումար մը կարելի եղած էր գոյացնել, առանց հաշուելու` Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն Զէյթուն դիմող քանի մը տասնեակ կռուող կամաւոր ընտիր ուժերը, եւ կարգ մը մեծահարուստ ազնուասիրտ հայերէ եղած պարէնի եւ ռազմամթերքի նուէրները։ Կը քննուին նաեւ, մինչեւ այն օրը Հրաչեայի հսկողութեան տակ կատարուած Զէյթունի տեղական պատրաստութեանց գործողութիւնները, ու պակաս մնացած մասերուն համար ալ միջոցներ ձեռք կ’առնուին` շուտափոյթ կարգադրուելու մտօք։ Մինչ Զէյթունի եւ շրջականերուն կազմակերպական ու նախապատրաստական գործառնութիւնները ամենամեծ թափով յառաջ կը տարուին, անդին` Մարաշի կառավարութիւնը, սադայէլական վաղեմի հնարքներով կը փորձէ` Զէյթունի իշխաններուն մէջ երկպառակութիւն յառաջ բերել, յաջողցնելու համար շարք մը կարեւոր ձերբակալութիւններ, որոնցմէ յետոյ կը յուսար, շատ դիւրութեամբ, կանխապատրաստուած հարուածը իջեցնել Զէյթունի գլխուն։ Սակայն, բարեբաղդաբար, շատ ո՜ւշ էր, երբ արդէն անուանական կառավարութեան մը կողքին, եկած հաստատուած էր Յեղափոխական կառավարութիւն մը որ, բոլոր սրտերը անքակտելի կապերով իրարու կապած ու վերին հսկողութիւնը իր դիւթիչ ափին մէջն էր առած։ Աղասի եւ ընկերներ, տեղական տարազով, ազատ ու համարձակ կը պտըտէին Հալէպի, Քիլիսի ու Այնթապի մէջ, թուրք պաշտօնեաներու քթին տակ։ Գրեթէ ամէն հայ գիտէր թէ ո՞վ են անոնք ու ինչո՞վ կը զբաղին...։ Բայց ո՞վ կը համարձակէր շնագայլերու հետ յարաբերութեան մտնել, երբ արդէն ամէնէն աննշան կասկածելի շարժում մը, իր սաղմին մէջն իսկ խեղդուելու դատա-
114
պարտուած էր։ Կիլիկիոյ ամբո՛ղջ հայութիւնը, Սուէտիայէն ու Չոք Մարզուանէն մինչեւ Զէյթուն ու Հաճըն, իր բոլո՛ր դասակարգերով ու հոսանքներով, դեր ու բաժին պիտի ունենային Զէյթունի ապստամբական շարժման մէջ` խելքո՛վ, դրամո՛վ ու մարդո՛վ։ Անկարելի է լրիւ պատկերացնել այդ օրերուն Կիլիկիոյ զանազան կեդրոններուն մէջ տիրող բարձր յոյսերն ու եռուզեռը։ Ընդհանուր էր ոգեւորութիւնը` մտաւորականութեան, արհեստաւոր ու առեւտրական դասակարգին, եկեղեցականութեան եւ երիտասարդ թէ փորձառու համարուած մարդոց շրջանակին մէջ։ Այդպիսի երեւոյթ մը դժուար է գտնել Հայ Ազատագրական Շարժման տարեգրութեանց մէջ` ո՛եւէ տեղ ու ո՛եւէ ժամանակ։ Հարկ չկայ ըսելու նաեւ, որ հակառակ ամէնուն խանդավառութեան ու զոհողութեանց, կարելի պիտի չըլլար ոեւէ ձեռնարկ ընել ու արդիւնք յուսալ, եթէ Զէյթունի անառիկ դիրքն եւ զէյթունցի լեռնորդիներու համբաւեալ քաջութիւնն եւ մարտական ձիրքերն ու հնարամտութիւնները չըլլային6։
Անճրկած «զոյգ»ը Սուէտիոյ ու Քէսապի մէջ գտնուող Հնչակեան խումբը, կը գրէ Սուրէն Սուրէնեան իր յուշերուն մէջ, Զէյթուն փութացած էր։ Իրաւ է թէ անոնցմէ Ապահ եւ Հրաչեայ կանուխէն Զէյթուն մտնել փորձած էին կազմակերպելու նպատակով` սակայն չէին ընդունուած։ Հիմա պարագաները փոխուած էին։ Այս տղաքը այլեւս ո՛չ թէ իբր գործիչ` այլ հայ քրիստոնեայ հիւրեր էին զէյթունցւոց համար, որոնք իրենց հետ կողք կողքի կռուելու ցանկութիւնն ու յօժարութիւնն ունէին։ Ասոնցմէ` Հնչակեան ներկայացուցիչ Աղասի` լրջօրէն խոստացած էր Կեդրոնին, որ եթէ իրեն յաջողէր Զէյթուն հասնիլ ու հոն ապստամբութեան մը հաւանականութիւնները տեսնել, պիտի ջանար որ հրամանը Լոնտոնէն հեռագրուէր պաշտօնապէս։ Աղասի Զէյթուն հասնելուն, մեր այս Ռուբինեան կորիւնները կռիւի կը պատրաստուէին։ Իշխան աղաները տեսան թէ այս պարոնները ոսկեճամուկ համազգեստներով ալ եկած էին, ու ասիկա կրնար հասարակ ժողովուրդին վրայ մեծ ազդեցութիւն ընել։ Ապահ, Հրաչեայ, Մլեհ, Ղազարոս (Նշան) ու Գէորգ (Կարապետ), իրենց այս պաշտօնական զգեստները ցուցադրութեան չդրին, այլ գրեթէ ամէն մէկ կռիւի անոնք կրակի առաջին ճակատին վրայ էին ու զէյթունցիներուն հիացումին արժանի։ Յանկարծ հեռագիր մը կուգար մեր Կիպրոսի ներկայացուցիչ ժամագործ Յակոբ Յովսէփեանէն թէ` «Զէյթունը պատրաստ է, հրահանգի կը սպասէ»։ Աղասի իր խոստումը կատարած էր։ Ի՞նչ պիտի պատասխանէք, ըսի ես Նազարբէկ ամոլին, ե՛ս որ կացութեան շատ մօտէն ծանօթ ըլլալով, գիտէի որ` Հնչակեան Կեդրոն կոչուող այդ «զոյգ»ը, մէկ անգամ գէթ կրակելու (աթում մը) վառօդ իսկ չէին ղրկած այդ քաջերուն, եւ ուրիշներուն ալ արգելք եղած` ձախաւեր գործունէութեամբ։ Իրենք ալ չէին գիտեր։ Կարծես ճիշդ այդ պահուն էր որ կը զգային իրենց ստանձնած գործին պատասխանատուութեան ծանրութիւնը. հիմակ էր որ խղճի խայթը կ’ունենային,
115
երբ գործը արդէն կատարուած էր։ Կ’ուզէ՞ք որ պատասխանը ես գրեմ, ըսի իրենց մօտենալով։ Կարծես երկինքէն ինկած ըլլայի։ Անմիջապէս զիջանեցան։ «Եթէ ի վիճակի են, թող ապստամբին» գրեցի ու Աւետիսին (Նազարբէկին) ներկայացուցի ստորագրելու համար։ Հոգեկան ահաւոր ծանրութենէ մը ազատ զգաց ինքզինք. անմիջապէս ստորագրեց։ Մարօ (Տիկին Նազարբէկ) քանի մը անգամ խառաշօ (ռուսերէն բառ, կը նշանակէ շատ աղէկ) կրկնելով բաւականացաւ։ Այդ իմաստով հեռագիր մը զիրենք զերծ կը թողուր պատասխանատուութենէ7։ Եւ ակնարկուած հեռագիրը չուղարկուիր Կիպրոս, վասնզի, մինչ այդ, արդէն Զէյթունի զօրանոցը գրաւուած ըլլալու աւետաբեր լուրերը կը հասնին Լոնտոն...։
Արեգինի թաքստոցներուն մէջ Կառավարութիւնը, իր հետապնդած գլխաւոր նպատակին մէջ ունեցած անյաջողութիւնը յեղափոխականներուն վերագրելով, կը փութայ Հոկտեմբեր 10ի հինգշաբթի օրը երկու ծպտեալ ոստիկաններ ուղարկել Ալապաշի սահմանները, հասկնալու համար թէ ո՞ւր կը գտնուէր յեղափոխականներուն բոյնը եւ ի՞նչ տեսակ անձեր էին անոնց պետերը։ Այդ երկու ծպտեալ ոստիկաններէն մին կը կոչուէր Տէօնէքլի Սիւլէյման, իսկ միւսը` ՈւրՖալը Մուստաֆա, որոնք ճիշդ զէյթունցիներու պէս կը խօսէին ու անոնց պէս հագուած. անոնք օտարականները փնտռելու կ’ելլեն, իրենք զիրենք յեղափոխական մկրտել տալու համար։ Յիշեալները հազիւ Ալապաշի սահմաններէն ներս անցած, կը հանդիպին հայ պահնորդ խումբերու, որոնցմէ կը խնդրեն որ զիրենք օտարական պարոններուն մօտ առաջնորդեն, որպէսզի հայրենիքի պաշտպանութեան համար զինուոր արձանագրուին։ Հսկողներէն ալապաշցի Պապիկ անունով ճարպիկ երիտասարդ մը, անմիջապէս զիրենք կը ճանչնայ, ու յառաջ անցնելով կը բռնէ երկու թուրք լրտեսներուն օձիքներէն, եւ կը հրամայէ ընկերներուն որ ձերբակալեն։ Ձերբակալեալները տարուելով յեղափոխական պետերուն ապաստանած քարայրին մէջ, խիստ հարցաքննութեան մը կ’ենթարկուին, ուր ամէն ինչ կը խոստովանին։ Լրտեսները, ի վերջոյ, իբրեւ արժանի պատիժ, փոխանակ Յեղափոխական կարմիր մկրտութեան, պետերէն, Ապահի, Հրաչեայի, Ջէլլադի եւ արեգինցի գիւղացիներու կողմէ անտառի հսկայ կաղնիի մը խոռոչացած հաստ բունին կապուելով, ու շուրջը խոշոր խարոյկ մ’ալ պատրաստուելով, ողջ-ողջ կ’այրուին, ու կրակի մկրտութեամբ կը վարձատրուին...։ Թուրք ոստիկաններու վրայ կատարուած սպանութեան այս յանդուգն փորձը իրաւ է թէ բարդութիւններու տեղի պիտի տար յետագային, սակայն ձախողիլ տուած էր նախ Յեղափոխական պետերու կեանքերուն դէմ նիւթուած սարսա-
116
փելի դաւը, ու ապա թուրք կառավարութեան հասկցնել տուած էր թէ սովորական մարդոց հետ չէր իր գործը, այլ կանխամտածուած ու կազմակերպուած ծրագիր մ’էր Զէյթունի մօտալուտ ապստամբութիւնը։ Կառավարութիւնը ի զո՜ւր կը սպասէ իր ուղարկած երկու լրտեսներու տեղեկաբերութեան. ու երբ կը կռահէ անոնց վիճակուած տխուր վախճանը, այնպիսի դիրք մը կը բռնէ որ, իբր թէ ո՛չ լրտես ղրկած եւ ո՛չ ալ աներեւութացող ըլլար։ Արդարեւ, Ապահ եւ ընկերներ, Արեգինի Ալապաշ հայաբնակ կարեւոր գիւղը իրենց գործունէութեան կեդրոն եւ ռազմախարիսխ ընտրեր էին։ 1895ի Արեգինի աշարը (բերքը)` Զէյթունի Պօզպայիր թաղեցի Աւագ աղա Չագրեան եւ Յարութիւն աղա Չօփուրեան անուն բարի եւ համակրելի անձերը գնած էին, եւ Զէյթունի Միացեալ Ընկերութեան վարժարանաց տնօրէն` Աւետիք Էֆ. Կէսղընեան եւ Կարապետ Էֆ. Տ. Յակոբեան, նոյն գիւղին մօտիկ Խէպի կոչուած գիւղին մէջ այգիներ ունենալով, յաճախակի երթեւեկութիւններ եւ տեսակցութիւններ կ’ունենային` Արեգինի թաքստոցներուն մէջ գտնուող Հնչակեան գործիչներուն հետ։ Այնպէս որ Արեգինի գիւղերուն նման, Զէյթունի վերոյիշեալ հարաւային թաղերը եւս յեղափոխական գաղափարներով բոլորովին խմորուած, պատրաստ էին բռնկելու. հարկ էր սակայն միւս թաղերն ալ պատրաստել։ Ապահ եւ ընկերներ, վերոյիշեալ զէյթունցի չորս անձնաւորութեանց հետ խորհրդակցելով` կ’որոշեն Զէյթունի մնացեալ երկու (Վերին եւ Միջին) թաղերէն ձեռք առնել` ծանօթ Նազարէթ Չավուշը եւ Տ. Կարապետ քահանան։ Ապա, գործիչները, տակաւ մօտենալով Զէյթունի անմիջական սահմաններուն, իրենց կեդրոն կ’ընտրեն` Կարապետ Տ. Յակոբեանի տունը, որ Գարկըլար Թաղի Շուղրի կամուրջէն դուրս գտնուելով, շատ յարմար բնակարան մըն էր գաղտնի հաւաքումներու համար. տունին կից, պարտէզներուն մէջ ժողովներ կը գումարուէին, եւ Զէյթունի չորս թաղերէն առնուած այդ համամիտներուն որոշումով, վառօդի պատրաստութեան եւ հայթայթման համար կարեւոր գումարներ կը յանձնուին վստահելի անձերու։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ցոյց տրուած այդ «ուժ»ին վրայ էր որ, քանի մը ամիս յետոյ, Սուլթան Ապտիւլ Ազիզի օրով, Պոլսոյ մէջ կը վերահաստատուէր Հայոց Ազգային Առաջնորդարանը (17 Մարտ 1862)։ Նաբօլէոն Գ., այն ատեն երբ «հայասէր» սուլթանները իր հմայիչ ազդեցութեան տակն էին, կ’ուզէ թրքահայաստանի բարերարը ըլլալ, (ինչպէս եղած էր լիբանանցիներուն, անշուշտ կաթոլիկ կրօնքը պարտաւորելով անոնց) Զէյթունի հարցին եւս կ’ուզէ միջամտել, մանաւանդ որ Զէյթուն փափաք յայտներ էր յարելու կաթոլիկ եկեղեցւոյ, հետեւաբար, ֆրանսացի կայսեր զօրաւոր միջնորդութեան շնորհիւ, զէյթունցի բանտարկեալները
117
ազատ կ’արձակուին, անոնց ընդհանուր ներում կը շնորհուի եւ կարգը կը վերահաստատուի երկրին մէջ։ Սակայն հայոց պետերը, հին նախապաշարումներու մէջ թաղուած, այնուհետեւ կ’արհամարհեն Նաբօլէոնի խորհուրդները։ (Տես` Պատմութիւն հայոց, գրեց Հ. Սահակ Տէր-Մովսէսեան, Մասն Բ., Վենետիկ, 1923, էջ 745-747։) (Այս հատուածին շուրջ տես նաեւ` Les Massacres de l’Arménie, par Philarmène, Paris, 1896, pp. 84-85։) Յայտնի է որ Զէյթունի 1862ի կարեւոր ապստամբութեան միջոցին` Ծերենց, Պէշիկթաշլեան, Ռուսինեան, Օտեան եւ քանի մը ուրիշ պոլսահայ նշանաւոր ազգասէր մտաւորականներ, ու նաեւ Միքայէլ Նալբանդեանը որ... գաղտնի ժողովներու մէջ ծրագրեցին ոչ միայն ապստամբ Զէյթունին օգնել` Փարիզ Նափոլէոն Գ. կայսեր մօտ դիմումով եւ ուրիշ ձեւերով, այլ եւ շրջահայեաց ու սքօղեալ կերպով ամբողջ գործունէութիւն մը սկսիլ հայոց թիւը Կիլիկիոյ մէջ ստուարացնելու, այդ շրջանի հողերուն մեծ մասը հայոց ձեռքն անցընելու եւ հայ ազգային ազատութեան լուրջ ու տեւական վերահաստատման մը գետինը հոն պատրաստելու համար, որպէսզի օր մը այնտեղ հայ ինքնավար Լիբանան մը երեւան գար, հայ ուժերով վերակազմուած կիլիկեան հայ պետութիւն մը, որ զարգանար շահակից արեւմտեան մեծ պետութեան մը հովանաւորութեան տակ։ Այս ծրագրին իբր գրական նախապատրաստութիւն` Պէշիկթաշլեան շարադրեց Զէյթունցի «քաջորդի»ին եւ «քաջուհի»ին նուիրուած հանրածանօթ գեղեցիկ երգերը, Ռուսինեան ֆրանսական երգի մը նմանողութեամբ գրեց իր Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիան, կազմուեցաւ Երկրագործական Ընկերութիւնը որուն առերեւոյթ եւ պաշտօնապէս յայտարարուած նպատակն էր Կիլիկիոյ մէջ երկրագործութիւնը զարգացնել հայերու աշխատանքով, բայց որուն ներքին նպատակը այն էր զոր վերեւ բանաձեւեցի ու Ծերենց ինքն իսկ այդ խմբակին կողմէ ղրկուեցաւ Կիլիկիա` տեղական պայմաններն ու կարելիութիւններն ուսումնասիրելու համար։ Կիլիկեան այդ քննական պտոյտի միջոցին է եւ անկից յետոյ Պոլիս դարձին` որ Ծերենց գրեց ու հրատարակեց իր Թորոս Լեւոնի վէպը։ Այդ բոլորը ծրագրի վիճակի մէջ մնաց։ (Ա. Չօպանեան, «Րաֆֆի», Անահիտ, 1937, թիւ 5-6, էջ 54։)
Ծերենցի ներկայութիւնը Կիլիկիոյ մէջ, եւ տեղւոյն վրայ անոր տարած տենդագին աշխատանքը աննշմար չ’անցնիր օրուան ղեկավար շրջանակներէն եւ Զէյթունի 1862ի ապստամբութիւնը (այդ երեւոյթներուն վրայ հիմնուելով), ոմանք ալ` այդ թուականէն երկու տարի առաջ հիմնուած Կ. Պոլսոյ Հայոց Բարեգործական Ընկերութեան (որուն գլխաւոր հիմնադիրներէն էր Ծերենց), թելադրութեանց արդիւնք կը նկատեն, եւ որ իրապէս երկու թուրք գիւղերու միջեւ ծագած աննշան վէճի մը հետեւանքով սկսած էր, զէյթունցիներու կամքէն բոլորովին անկախ պատճառներու բերմունքով։ (Ոսկեմատեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան. Արծաթեայ Յոբելեան (1906-1931), Փարիզ, 1935, էջ 437։) 2. Հայկական Մօնթէնէկրօ՛ն – հինաւուրց թագաւորութեան մը այդ ուշագրաւ բեկորը, կամ ուրիշ խօսքով հայ Արծիւներու բոյնը...։ 3. «Մոռցուած հերոսներ», գրեց Աղասի, Երիտասարդ Հայաստան, 6.8.1919։ 4. Տօքթ. Նազարէթ Քէչէճեան վախճանեցաւ ի Գահիրէ` 3 Յունիս 1943ին։ 5. «Մոռցուած հերոսներ», գրեց Աղասի, Երիտասարդ Հայաստան, 9.8.1919։ Վեր. Մ. Փափազեան վախճանեցաւ Ֆրէզնոյի մէջ, 11.7.1943ին, 78 տարեկանին մէջ։ 6. Պայքար, 10.11.1935, թիւ 264։ 7. «Մեր երէկը» յուշեր, Սուրէն Սուրէնեան, Պայքար, 1936։
118
ԳԼՈՒԽ Ե. ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԲՌՆԿՈՒՄԸ (Հոկտեմբեր 1895) Արեւ ելաւ, Զէյթունցինե՛ր, Դէ՛հ, ձի հեծնենք, առնենք զէնքեր. Ինչո՞ւ խղճուկ գլուխ ծռենք, բռնաւորին մեր վիզ պարզենք։ Յ. ՉԱգՐԵԱՆ
Կ
Կանխող դէպքեր Զէյթունի մէջ առավարութիւնը գիտակից Համիտի հայաջինջ քաղաքականութեան, պահ մը չ’ուզեր գրգռել զէյթունցիները, սակայն, նոյն ատեն կ’աշխատի իր դիրքը զօրացնել. քաղաքին ճիշդ կեդրոնը, կառավարական շէնքին առջեւ նոր յաւելուած մը ընելով, Զօրանոցին շուրջի ժայռերը խորտակելով, ջրամբարի շինութեան կը սկսի։ Զէյթունցիները լսած էին Սասունի կոտորածը. կառավարութեան նման իրենք ալ կը սկսին լուռ պատրաստութեան եւ իրենց ջորեպանները Կեսարիոյ կողմէն կը վերադառնան վառօդի նիւթերով բեռնաւորուած։ Այդ միջոցին Զէյթունի գայմագամի պաշտօնը փոխանորդաբար կը վարէր մոլեռանդ եւ հայատեաց դատաւորը (գատը) որ յաջորդած էր` հազիւ 12 օր պաշտօնավարելէ ետք` հիւանդանալով մեռնող Պէյլանի գայմագամին, որ իր կարգին յաջորդած էր գայմագամ Թէվֆիք պէյին։ Դատաւոր-գայմագամը 30 տարու ապականած թուրք մըն էր, ամէն բարբարոսութիւն ընելու ատակ։ Նպատակն էր խռովութիւն յառաջ բերել եւ Զէյթունն ալ Սասունի վիճակին հասցնել։ 1895ի Մայիսին կողոպուտը այն աստիճանին կը հասցնէ որ օր մը կառավարական տուրքի փոխարէն, աղքատ հայու մը երեք էշերը, որոնք երկ-երկու ոսկիի արժէք ունէին, 50 դահեկանի կը ծախէ մարաշցի թուրքի մը։ Նաեւ պաշտպան կը հանդիսանայ մալ միւտիրիին սրիկայ տղուն, որ յանդգնած էր պարկեշտ հայ կնոջ մը լիրբ առաջարկներ ընել։ Կնոջ ամուսինը եւ ուրիշ զէյթունցիներ կը փութան պատշաճ պատիժը տալ այլասերած դատաւորին։ Ասոր վրայ կը պատահի
119
դէպքը Պօզպայիտ թաղէն անբարոյական կնոջ մը, որուն տունը զինուորներ կը յաճախէին։ Թաղին երիտասարդները կը բողոքեն, ու գիշեր մըն ալ կնոջ բնակած տունը կրակի կուտան։ Մասնակիցները կը բանտարկուին։ Զէյթունցիք կը յաջողին փճացած կինը հեռացնել, սակայն երիտասարդները չեն կրնար ազատել բանտէն։ Կառավարութեան այս գրգռիչ ընթացքին դէմ զէյթունցիք զսպուած կատաղութեամբ մը կը համբերէին եւ սպասողական դիրքի մէջ կը մնային «Բարենորոգմանց ծրագիր»էն յուսադրուելով։ Զէյթունի զօրքերու հազարապետ Քեազիմ էֆ. կը սկսի խրամներ շինել Զօրանոցին շուրջը։ Զէյթունցիք կը բողոքեն։ Դատաւոր գայմագամին կը յաջորդէ` գայմագամ Ավնի պէյ, որուն օրով քիչ մը խաղաղութիւն կ’ըլլայ, սակայն, շատ չի տեւեր։
Չէրքէզ Ասլան բէկի արշաւանքը Ուղարկուած երկու թուրք լրտեսներուն հետքերը կորսնցնելէ վերջ, կառավարութիւնը, իր այդ խորամանկ միջոցէն ալ զրկուած դարձեալ յեղափոխական գործիչները փնտռելու նպատակով, այս անգամ Մարաշի կառավարութեան հետ խորհրդակցաբար, Զէյթուն բերել կու տայ գըրսէրտար Չէրքէզ Ասլան բէկ` 15 ձիաւորներով միասին, ու նոյն գիշերը Զօրանոցի հրամանատարին եւ գայմագամին հետ գաղտնի խորհրդակցութիւններէ վերջ, անմիջապէս Բերդիզ կ’ուղարկուի, ուր հարիւրեակ մը զինուած բերդուսցի թուրքեր գլուխը հաւաքած, Հոկտեմբեր 16ին կ’անցնի Ճիհան գետը ու կը յարձակի ալապաշցիներու վրայ, ու կ’ուզէ ծեծել ու բանտարկել Խաչեր Քեհեան, որդին համբաւաւոր Կարապետ Քեհեային, որ 1862ին Ազիզ բաշայի պատերազմին մեծ համբաւ հանած էր իր քաջութիւններով։ Արեգինցիք ոտքի կ’ելլեն, կը վռնտեն Ասլան բէկը անարգանքով եւ կը յայտարարեն թէ կը նախընտրեն հիւրերուն հետ ջարդուիլ, քան թէ զանոնք կառավարութեան յանձնել։
Երկրորդ ձախող փորձ մը Հոկտեմբեր 19ին, Ասլան բէկ, երկրորդ անգամ ըլլալով, կը դրդէ Չախալլը ըսուած քիւրտ աշիրէթները, որոնք 200 հարիւր հոգիով գաղտնաբար կուգան հայերը լրտեսելու եւ Արեգին ապաստանած` օտար յեղափոխականները ձերբակալելու համար։ Ասլան բէկի ծրագիրը այս անգամ ալ կը վիժի, ու չարաչար պարտութիւնով կորաքամակ ետ կը դառնան յարձակողները։
Գումարցիներու կռիւը Դէպքերը հետզհետէ գահավէժ հանգամանք մը կը ստանան եւ կացութիւնը օրէ օր սպառնական կը դառնայ։ Զէյթունէն եօթը ժամ հեռու, Չուգուր հիսարի սահմաններուն մէջ, գումարցի աշիրէթէն հրոսախումբ մը կռիւի կը բռնուի
120
Ջալլադի եւ Պապիկ իշխանի որդւոյն` Աւետիքի զինակիր ընկերներուն հետ, եւ այդ տաք կռուին մէջ հայ կտրիճները յաղթող կը հանդիսանան, ու մեծ աւարով կը վերադառնան։
Յիսնապետ Հասան աղայի սպանութիւնը Հոկտեմբեր 9ին, 40րդ գունդին առաջին վաշտին յիսնապետ` քիլիսցի Հասան աղա, Ատանայէն Հաճընի վրայով Մարաշ երթալու ատեն, ընտանիքով Ֆռնուզ կ’իջեւանի, եւ անլուր հայհոյանքներ կը տեղացնէ ֆռնուզցիներու հասցէին։ Ֆռնուզցիները, թուրք սպային ըրած նախատինքներէն գերագրգռուած, սպառազէն խումբով կ’երթան Ֆռնուզի մօտ Ալաշայ կոչուած վայրը, կը յարձակին ու տեղն ու տեղը կը սպաննեն զայն, կինն ու զաւակներն ալ միասին։
Մարաշի հազարապետին գերեվարութիւնը Հոկտեմբեր 10ին, գումարցի հրոսակներուն սպանման խնդիրը քննելու պաշտօնով, Մարաշի ոստիկան-զինուորներու հազարապետը, Սէկի ճամբով Ֆռնուզ կ’երթայ ու կը փորձէ գիւղին հայ միւտիրը ձերբակալել, ինչպէս որ անցած հայ գիւղերէն տասնեակ մը անմեղներ ձերբակալած ու կալանաւորեալ վիճակի մէջ հետը առած էր` Մարաշ տանելու համար։ Հազարապետը երբ կը համոզուի թէ չպիտի կրնայ ուրիշներ ձերբակալել, կը բաւականանայ արդէն ձերբակալուածներովը ճանապարհ ելլել։ Ֆռնուզցիները կը փութան Սու Չաթը կոչուած վայրը, ու հազարապետին ընկերացող տասնեակ մը ոստիկանները պաշարումի տակ առնելով, արիւնալի կռիւէ մը վերջ, հազարապետն ու զինուորները գերի կը բռնեն ու ձերբակալուած անմեղները կ’ազատեն։
Մարաշի վերահաս ջարդը եւ Քէօյնէկսիզի սպանութիւնը Սեպտեմբեր 18ին, Պոլսոյ մէջ, Հնչակեան Կուսակցութեան կազմակերպած Պապը-Ալիի ցոյցէն յետոյ, Սուլթան Համիտ ընդունած էր Հայաստանի բարեկարգութեան ծրագիրը1։ Ասոր վրայ, Իզմիրլեան Պատրիարք, հեռագիր ուղղած էր ամէնուրեք (ի միջի այլոց ի Մարաշ եւ ի Զէյթուն), որպէսզի Սուլթանի արեւշատութեանը համար աղօթքներ մատուցանէին եկեղեցիներուն մէջ։ Ըստ այդ հրահանգին, Մարաշի մէջ, Հոկտեմբեր 27ի Կիրակի օրը, բոլոր հայերը անխտիր պիտի դիմէին աղօթատեղիները։ Տեղւոյն թուրքերը սակայն, այդ օրուան ըլլալիք համախմբումները յարմարագոյն առիթ նկատելով, գաղտնաբար որոշած էին, կրակի տալ բոլոր եկեղեցիները, եւ այրել հո՛ն հաւաքուած բարեպաշտ ժողովուրդը։ Այդ նպատակով, թուրքեր Մարաշի շուրջը պահապաններու օղակներ աւելցուցած էին ու զէնքեր բաշխած եւ անհամբեր կը սպասէին նուիրական օրուան։ Միւս կողմէ, երբ Ապահ եւ իր ընկերները տենդագին գործունէութեան մղուած
121
էին, Զէյթունի մէջն ու շուրջը անզէն ժողովուրդը զինելով ու ռազմամթերք եւ պաշար ամբարելով, զի անոնց նպատակը յետոյ փոխուելով, որոշուած էր նախ Մարաշի պէս գաւառային զինուորական կարեւոր կեդրոնի մը տիրանալ, ձեռք ձգել անհատնում ռազմամթերք, եւ տեղւոյն հայութեան կեանքը ապահովելէ եւ կանխորոշուած բնաջնջումը արգիլելէ վերջ, զօրաւոր բանակով մը արշաւել Զէյթունի վրայ. չափաւոր դէպք մը սակայն կուգայ խանգարել թէ մի՛ն եւ թէ միւս կողմին անհամբերութեամբ սպասուած եւ մեծ ջանքերով եղած պատրաստութիւնները վիժեցնելու ու Զէյթունի ապստամբութեան կանխորոշուած թուականը փութացնելու։ Զէյթունի ապստամբութեան ձեռնարկին համար, Կիլիկիոյ մէջ գտնուող Հնչակեան իւրաքանչիւր Մասնաճիւղ պիտի մասնակցէր երկուական ներկայացուցիչներով։ Այդ նպատակով, նախորդ էջերուն մէջ տեսնուեցաւ թէ ինչպէ՞ս Հաճըն, Մարաշ, Այնթապ, Քիլիս, եւ այլ վայրեր իրենց կռուող լաւագոյն ուժերը ուղարկած էին դէպի Զէյթուն, եւ որո՞նք էին այդ կամաւորները։ Իր կարգին, Հալէպի Մասնաճիւղը եւս, ընտրած էր երկու պատգամաւորներ, որոնցմէ մին էր անձնուրաց դերձակ` Բենիամին Պետեւեան (ծագումով անջրդեցի, Արաբկիրի գիւղերէն) եւ միւսը` Կարապետ Սուգիասեան (չմշկածագցի, դարձեալ Արաբկիրի գիւղերէն)։ Ասոնք ինքզինքնին տրամադրած էին այդ գործին եւ Հալէպէն ճամբայ ելած էին դէպի Մարաշ, այնտեղէն ալ Զէյթուն անցնելու համար։ Անոնք Մարաշ կը հասնին Հոկտեմբեր 22ի գիշերը, ուր կ’ապաստանին Ովէս Արըգեանի տունը։ Զանոնք դիմաւորելու եւ յաջորդ գիշեր Մարաշէն ապահով անցընելու համար, կը տրամադրուին` Արթին Տիլլօեան, Արմենակ Արըգեան, Նազար Ագրապեան եւ Եզեկիէլ Զէյթունցեան։ Զինուած խումբը, Հոկտեմբեր 23ի գիշերը պիտի անցնէր Անկուտիի կռնակէն եւ ելնէր Ղազմա, այնտեղէն յանձնուելու համար` արեգինցի ասպատակ Պապիկին, որ իր կարգին, զիրենք պիտի հասցնէր մինչեւ Զէյթուն։ Մարաշի Գարամանլը թաղին մօտերը, Ույուզ փունարըի (բորոտներու աղբիւր) պարտէզներուն մէջէն անցնելու պահուն կը հանդիպին` համբաւաւոր թուրք աւազակապետ Քէօյնէկսիզ Ահմէտի անդրանիկ որդւոյն Ալիի, որ զինեալ այս հայոց տեսքը կը գրգռէ զինք, եւ կը փորձէ Բենիամինի ուսէն հրացանը յափշտակել։ Բենիամին օգնութիւն կ’աղաղակէ։ Անմիջապէս, Կ. Սուքիասեան, Ա. Տիլլօեան եւ Ա. Արըգեան կը հասնին։ Սուքիասեան, առանց ժամանակ տալու, խոշոր բալան (դաշոյն) անոր աղիքներուն մէջ կը խոթէ, երբ միւս կողմէ Տիլլօեան եւս կը դաշոյնէ անոր կողէն։ Թուրքը շնչասպառ գետին կը տապալի կիսամեռ։ Յեղափոխականները կը հեռանան, որոնցմէ Ա. Արըգեան եւ Ն. Ագրապեան իրենց տուները կը վերադառնան, իսկ Արթին Տիլլօեան եւ Ե. Զէյթունցեան կը ջանան, Հալէպէն եկող երկու Հնչակեան հիւրերը հասցնել հայ գերեզմաննոցը սպասող Հնչակեան Պապիկի եւ ընկերներուն, որոնք ռազմանիւթ եւ աղ պիտի
122
տանէին Զէյթուն։ Ա. Տիլլօեան Մարաշ կը վերադառնայ, այն հաւատքով թէ Մարաշէն Զէյթուն մեկնելիք 500 հոգինոց կամաւորներու բանակի խմբապետներէն մին կ’ըլլայ։ Բենիամին եւ Կարապետ, Պապիկի եւ ուրիշ արեգինցի Հնչակեան ընկերներու առաջնորդութեամբ, պաղարեամբ, իբր թէ բան մը պատահած չըլլար, իրենց ճամբան կը շարունակեն, եւ առանց դադար առնելու, արագօրէն կը քալեն, մինչեւ որ Ճիհան գետը լողալով կը հասնին Արեգինի սահմանները, հոն բաւական հանգստանալէ վերջ, Գարանլըք Տէրէ կ’ուղղուին։ Յեղափոխականներու այս խումբը իրաւ է թէ, մէջտեղէն վերցուցած էր արիւնարբու գազան մը, ազատելով Մարաշի եւ շրջականերու հայ ազգաբնակութիւնը ոխերիմ թշնամիէ մը, որ կեդրոնական կառավարութեան առաջարկած էր հայերը կոտորելու եւ բնաջնջելու գործը իրեն յանձնել, եւ կը յուսար իրագործել Հոկտեմբեր 27ի Կիրակին, երբ, ինչպէս յիշուեցաւ, բոլոր հայերը պիտի համախմբուէին եկեղեցիներու մէջ։ Մարդասպանը սակայն, երբ զգետուած էր, ճիչեր արձակելով, թուրք թաղեցիներ վրայ կը հասնին, եւ աւազակորդին դեռ չմեռած` բացի Զէյթունցեանէ, միւսներուն անունները կուտայ։ Աւազակի բարեկամներն ու ազգականները, առանց սպասելու որոշուած Կիրակի օրուան, Հոկտեմբեր 25 Ուրբաթ օրն իսկ, կը սկսին Մարաշի այգիներէն դարձող հայերը ջարդել։ Այս խուճապին վրայ, հայերը կը զգուշանան, եւ Կիրակի օրը եկեղեցիները չեն երթար։ Սպանութեան յաջորդ օրն իսկ, Արմենակ Արըգեան եւ Նազար Ագրապեան` կը ձերբակալուին. իսկ Արթին Տիլլօեան չորս ամիս վերջ միայն իր օձիքը ձեռք տալով, ցկեանս բերդարգելութեան կը դատապարտուի Բայասի բերդը։ 1908ին Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն յետոյ ազատ կ’արձակուի։ Ընթերցողը կը յիշէ թէ Արթին Տիլլօեան, եղբայրն էր հռչակաւոր հաւատուրաց` Շէյխ Ալի Ռիզային, որ Այնթապի մէջ, Աղասիի ձեռամբ հայ քրիստոնեայ ու յեղափոխական մկրտուելէ վերջ, ստացած էր Սարգիս Տիլլօեան անունն ու այնուհետեւ Տիլլօեան երկու հարազատները անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցած էին Զէյթունի Ապստամբութեան համար։ Քէօյնէկսիզի սպանութեամբ, Մարաշի մէջ խուճապը կը սկսի Հոկտեմբեր 25ին. անկէ տասը օր ետքը, այսինքն Նոյեմբեր 3ին, տեղի կ’ունենայ Մարաշի առաջին ջարդը, իսկ Նոյեմբեր 18ին, երկրորդ մեծ կոտորածը, որ կը խլէ հազարի մօտ զոհեր։ Այդ կոտորածը կը կատարուի, Ասորիքէն եկած սուրիացի եւ արաբ Էսթէրլի (ջորեւոր) զօրագունդերու, եւ շրջակայ թուրք գիւղերէն հաւաքուած պաշը-պօզուքներու կողմէ։ Մարաշի թուրքերու գործօն մասնակցութեամբ, կառավարութիւնը կ’որոշէ նախ Մարաշի հայերուն հաշիւը մաքրել եւ զանոնք շարժելու անկարող վիճակի մատնել։ Այդ օրերուն պատահած` Քէօյնէկսիզի սպանութիւնը եւ այլ քանի մը դէպքեր կը փութացնեն սարսափի եւ ջարդի օրերը։
123
Որովհետեւ առանց այդ պատճառներուն ալ կառավարութիւնը, իբրեւ վերէն տրուած հրամանի արդիւնք պիտի գործադրէր իր արիւնոտ ծրագիրը, ինչպէս եղած էր ուրիշ հայաբնակ շրջաններու մէջ ալ։ Ահա՛ թէ ո՞ր չարաբաստ դէպքն էր որ ձախողցուց Մարաշի հայոց օգնութիւնը` Զէյթունի Ապստամբութեան, զի Հալէպէն եկող այդ ջորեւոր զինուորներն էին որ Մարաշ մտնելէ վերջ, կ’առաջնորդուէին Զէյթուն։ Հետեւաբար ճամբաները արդէն բռնուած էին, եւ օգնութիւն հասցնելու գործը գրեթէ վիժած։
Պատմական ժողով մը ի Գարանլըգ-Տէրէ Իբր հետեւանք իրերայաջորդ եւ զիրար գերազանցող դէպքերուն, անմիջական կերպով կը ձեռնարկուի պատերազմական ընդհանուր ժողովի մը, որ տեղի կ’ունենայ 1895 Հոկտեմբեր 24ի Հինգշաբթի օրը, Գարանլըգ-Տէրէի2 մէջ։ Ժողովին մասնակցելու համար հրաւէրներ կ’ուղղուին Զէյթունի երեւելիներուն, շրջակայ հայ գիւղապետներուն եւ Հնչակեան բոլոր ներկայացուցիչներուն որպէսզի կարելի ըլլայ ընդհանուր հասկացողութեան մը գալ, ծրագրուած ապստամբութիւնը լաւագոյնս արժեցնելու համար։ Առաւօտ կանուխէն, Մթնաձորին մէջ, առաջին անգամ կը ծածանի հայկական եռագոյնը` յեղափոխական կարմիր դրօշակին առընթեր, «Աւօ»3 զօրագնդին կողմէ, որ համախմբուած էր Մավիլար գիւղի հիւսիսակողմը, Թէքիր գետակէն 200 մեթր հեռու արտի մը մէջ, հին բերդի մը ստորոտը, ընդարձակ ճերմակ վրանի մը ներքեւ։ Հետզհետէ, զանազան խորհրդանիշներով հաւաքավայր կը դիմեն բոլոր հրաւիրեալները իրենց պատերազմիկներով։ Ներկաներն են յեղափոխական չորս պետերը` Ապահ, Աղասի, Հրաչեայ, Մլեհ, իրենց հետ ունենալով Նշան, Կարապետ, Բենիամին, Միհրան, Արթուշ, Կարուճ, Ներսէս, Յակոբճան եւ այլ ընկերներ (այսինքն «Աւօ» զօրագունդը իր ամբողջ կազմով). Զէյթունէն` իշխան Նազարէթ (Չավուշ) Նոր-Աշխարհեան իր Զէյթունի ռազմիկներով, Փանոս աղա Շամ Քէշիշեան իրեններով, Հաճի Մէրկէնեան, Փանոս աղա Չօլաքեան, Մինաս Ղազեան, Յովհաննէս Պարումեան, եւն։ Ալապաշէն` հռչակաւոր գիւղապետ Խաչեր Քեհեայ Կարապետեան, 30 արեգինցիներով. Աւագկալէն (Մըխալ)` Պօղոս աղա Տ. Յովակիմեան 30 աւագկալցիներով. Հաճի-Տէրէէն` Գօճա Աղպաշեան. Ղօզճուղազէն` Փանոս աղա Միքայէլեան. Խարաղաճէն` Յարութիւն աղա Գօճաեան. Մավիլարէն` Մարտիրոս աղա Շատլախեան. Թէլէմէլիքէն` եօթանասունամեայ քահանայ Տ. Մարտիրոս Տէր Մարտիրոսեան. եւ Ֆռնուզէն` փոխ-վանահայր` Տ. Բարթողիմէոս Վրդ. Թագաճեան, գիւղապետ Եղիա, Աւետիս աղա Տնտեսեան, Մանուէլ աղա Ալաճաճեան, Պետրոս աղա Չինիկէօզեան ուրիշ 40 ֆռնուզցիներով։ Մինչեւ կէսօր, ամբողջութեամբ կը հաւաքուին բոլոր գիւղացիները, աղաները
124
եւ կրօնական պետերը։ Սպիտակ վրանին ներքեւ, Ապահի եւ Աղասիի շուրջ, կարգ-կարգ կը նստին վերոյիշեալ բոլոր պետերը։ Ժողովէն առաջ կ’երգուին` Հնչակեան Կուսակցութեան, Զէյթունի եւ Սասունի երգերը։ Ժողովը յոտնկայս կը բացուի կէսօրին, նախագահ` Տ. Բարթողիմէոս Վրդ. Թագաճեանի աղօթքով. կ’ատենապետէ` Գօճաեան Յարութիւն աղա։ Բացման խօսքը կ’ընէ Աղասի, պարզելով օրուան տագնապալի կացութիւնը, պատճառները զորս մղած էին յեղափոխական գործիչներու ներկայութիւնը Զէյթունի սահմաններուն մէջ, եւ անյետաձգելի պահանջը Զէյթունի ապստամբութիւնը պաշտօնապէս յայտարարելու (հակառակ որ կանխորոշուած էր Դեկտեմբերին կատարել «հարսանիք»ը...)։ Ժողովը որ կը տեւէ ամբողջ երկու ժամ, թեր ու դէմ վիճաբանութիւններով կը զբաղի մասնաւորաբար հարց-քննութեամբը օտար հիւրերուն, անոնց ուրկէ՞, ի՞նչ պաշտօնով, եւ ի՞նչ նպատակի համար գալը ստուգելով։ Կը հասկնայ թէ որչա՛փ դրամ կրնան տրամադրել եւ ի՞նչպէս կը յուսան յաջողցնել յեղափոխութիւնը։ Նախագահ վարդապետը, գործին դժուարութիւնը եւ վտանգը գիտնալով հանդերձ` պայքարելու պէտքը կը շեշտէ հաւատքով եւ արիութեամբ լի երկար, ազդու ճառով մը։ Ան է որ մասնաւորաբար ուժ կուտայ Ապահի եւ Աղասիի ապստամբելու տեսակէտին, եւ պահ մը անորոշութեան ու ձախողումի դատապարտուող Զէյթունի այս պատմական եւ աննախընթաց ժողովին ճակատագիրը կը փրկէ, երբ ներկայ բոլոր ժողովականները միաձայնութեամբ կ’ընդունին ու յայտարարուած կը նկատեն Զէյթունի ապստամբութիւնը։ Հո՛ս, իբր միջանկեալ բացատրութիւն, Գարանլըգ-Տէրէի ժողովին մէջ Հնչակեան գործիչներուն հետ ապստամբելու մասին տրուած որոշման առթիւ ըսենք որ Ազատագրական կազմակերպութիւնը Կիլիկիոյ մէջ դուրսէն որեւէ կուսակցութեան միջոցաւ չներածուեցաւ, Հնչակեան եւ այլ կուսակցութիւններու կազմութենէն առաջ իսկ կար ու կը գործէր, եւ կարելի է ըսել թէ ատոր հիմը դրուած էր նոյնինքն Կիլիկիոյ հանգուցեալ Կաթողիկոսը` Տ. Մկրտիչ Քէֆսիզեան 1879-1880ական թուականին։ Երբ Հնչակեան գործիչներ մտան Կիլիկիա, տեղական կազմակերպութիւններ, երկուութիւն չստեղծելու մտահոգութեամբ եւ ուրիշ հիմնաւոր նկատումներով, հաւանեցան յարիլ այդ կուսակցութեան եւ անոր անունով գործել, պայմանաւ որ Ընկերվարութեան մասին խօսք չըլլայ։ Այդ պայմանը ընդունուեցաւ (թէ՛ ի Սուէտիա, ի Տէօրթ Եօլ, Հաճըն, Զէյթուն, Այնթապ եւն, մասնաւորաբար Գարանլըգ-Տէրէի ժողովին մէջ), ու գործադրուեցաւ եւ գործը սկիզբէն մինչեւ վերջը պահեց իր զուտ հայրենասիրական նկարագիրն ու հանգամանքը։ Զէյթունի լեռներուն վրայ եւ այլուր կռուող քաջեր ընկերվարութենէ բան չէին հասկնար եւ ապահովաբար Մարքսի անունն իսկ լսած չէին, իրենց առաջին ու վերջին շարժառիթն էր հայրենասիրութիւն եւ հայ ազգի ազատութիւն։ Այդ նպատակն էր որ կը բոցավառէր զիրենք, ատկէ աւելի բան մը
125
չէին գիտեր եւ պէտք չունէին գիտնալու4։ Ահաւասիկ, Զէյթունի եւ իր շրջակայքի 35,000 բնակչութիւնը ներկայացնող 120 հոգիէ աւելի ժողովականներու կողմէ կայացած նիստին գլխաւոր որոշումները. Ա. Ցմահ պայքարիլ, ձեռք բերելու համար ազգային, քաղաքական եւ տնտեսական առանձնաշնորհումներ, տեղական պայմաններուն համաձայն։ Բ. Չվնասել եւ չկոտորել ա՛յն թուրք բնակիչները, որոնք նախայարձակ չեն ըլլար եւ կամ համերաշխ կը մնան ապստամբներուն հետ։ Գ. Երկու օրուան ընթացքին հայ մարտիկներ կեդրոնացնել Շէմպէք լերան վրայ, գրաւելու համար Զէյթունի Զօրանոցը։ Ընդհանուր ժողովը իր տուած որոշումները գործադրելու, յարձակումի համար հարկ եղած ծրագիրը պատրաստելու եւ ապստամբութեան օրը ճշդելու մտօք իր մէջէն կը կազմէ պատերազմական խորհուրդ մը, անոր տալով տնօրինելու բոլոր իրաւասութիւնները։ Այդ մարմնին անդամ կը նշանակուին` Ապահ, Աղասի, Հրաչեայ, Մլեհ, Նազարէթ Իշխան, Փանոս աղա Շամ Քէշիշեան եւ Հաճի Մէրկէնեան։ Ժողովը կը փակուի Մեր հայրենիք ազգային երգով ընդհանուր խանդավառութեան մէջ։ Ժողովին արդիւնքը եւ տրուած որոշումները ընդհուպ մանրամասնօրէն Տ. Բարթողիմէոս Վրդ.ին կողմէ կը տեղեկագրուին` Զէյթունի ալեւոր իշխան` Հազոր Շովրոյեանի։ Նոյն իրիկուան, Մլեհ, քանի մը ընկերներու հետ Կապան կը մեկնի, հեռացնելու համար տեղւոյն թուրք ոստիկանները, որոնք հոն եկած էին հայ գիւղացիք կեղեքելու համար։ Յաջորդ օրը, ժողովին մասնակցող հայ գիւղապետները կը վերադառնան, հաւաքելու համար իրենց կռուող ուժերը կանխորոշուած վայրերը։
Կարմիր մարտակոչը Գարանլըգ-Տէրէի ժողովի վաղորդայնին, Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ, ամբողջ Կիլիկիոյ եւ Հալէպի նահանգի հայ ժողովուրդին կը ցրուեն, զիրար լրացնող երեք պաշտօնական յայտարարութիւններ, մին` Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնի, միւսը` Կիլիկիոյ Նահանգային Վարչութեան, եւ երրորդը` Զէյթունի Մասնաճիւղին անուամբ։ Իբր պատմական արժէք ունեցող վաւերաթուղթ, ստորեւ կուտանք անոնց երեքին ամփոփուած պատճէնը, քաղելով Հնչակի բացառիկ կարմիր թիւէն (20.11.1895).
126
Հա՜յ ժողովուրդ. Հայուն այն րոպէները, որք կը պահանջեն յեղափոխականներէս եւ ամէն մի հայէն կատարել իր սուրբ պարտականութիւնը դէպի ազգը, դէպի հայ թշուառ ժողովուրդը...։ Իբրեւ նախանձախնդիր հայ ժողովրդի բաղդի, ազատութեան եւ գոյութեան, իբրեւ վրէժխնդիր անոր կրած սարսափելի տանջանքներուն ու թափած արեան – մենք` կիլիկեցի հայերս, մենք` ամբողջ Կիլիկիան պէտք է միահամուռ ջանքով վերջին հարուածը տանք մեր թշնամիին եւ ազատենք մեր սուրբ հայրենիքը...։ Հայե՛ր. Ի՞նչ ենք մենք այսօր։ Ոչինչ։ Ի՞նչ կ’ուզենք ըլլալ։ Ազատ, անկախ, ինքնուրոյն եւ բարեկեց...։ Ահա՛ մեր ներկան, ահա՛ մեր վիճակը, որմէ ալ չպիտի ազատինք, եթէ ոտքի չելնենք եւ մեր կամքը, մեր վճռական որոշումը մեր արիւնով եւ պատերազմով չը ցուցնենք։ Եթէ լուռ ու մնջիկ կծկուինք եւ մեր տեղը մնանք` թշնամին մեզ կը մորթէ ոչխարի պէս...։ Հայրենակիցներ. Ոտքի՛ ելէք. թո՛ղ ձեր ժողովրդային անվախ զունդերը, ապստամբութեան դրօշ պարզեն` Սուէտիոյ լեռներէն մինչեւ քաջ Զէյթունի պանծալի գագաթները. թո՛ղ ամբողջ Կիլիկիոյ հայերս մէկ մարդու պէս ելնենք, կռուինք, կոտորենք, զարնենք, զարնուինք, սպաննենք, սպաննուինք...։ Մեր սուրբ եւ անբռնաբարելի իրաւունք է ապստամբութիւնը։ Յառա՜ջ... հաւաքուինք, խմբուինք Հնչակեան արիւնաներկ ու նուիրական դրօշակին տակ։ Հա՛յ ժողովուրդ. Հին ծանօթ ձայն մ’է, որ քեզ հետ կը խօսի այսօր, ներկայ ծանր պարագաներուն մէջ։ Զէյթո՜ւնն է որ իր ձայնը կը հանէ եւ կը կոչէ քեզ իրեն հետ միատեղ ոտքի ելնել փրկելու ամբողջ հայ ժողովուրդն իր անվերջ տառապանքէն, իր ստրկական վիճակէն...։ Ժամը հասեր է. ահա՛ կրակ ու բոց կը թափէ հայութեան գլխուն մեր վայրենի թշնամին տարիներէ ի վեր... այդ կրակն ու բոցը այսօր մենք կ’ուզենք թափել անոր գլխուն։ Որովհետեւ մեզ պէտք է ազատ կեանք, քաղաքական ազատ եւ անկախ կացութիւն մը, ինքնուրոյնութիւն եւ բարեկեցութիւն...։ Զէյթունցիքս յարած Հնչակեան միութեան, անոր հետ այսօր արեան դաշտը կ’ելնենք ձեռք բերելու համար այն ամէ՛նը, ինչ որ Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ անկախութեան եւ ազատութեան անհրաժեշտ է...։ Կիլիկեցինե՛ր. Մեր արիւնախում թշնամին այժմ այլեւս շփոթուած եւ նեղուած վիճակի մէջ է։ Նա խեղդւում է այսօր իր սուրով ու թնդանօթով կատարած հայկական կոտորածի արեան մէջ...։ Թո՛ղ մեր ամէնքի սրտերը միակերպ բաբախեն, արիանան, առիւծ կտրեն։ Թո՛ղ մեր ձայնը եւ մեր սրերի շառաչիւնը որոտայ ամբողջ աշխարհի վրայ։ Թո՛ղ տեսնէ քաղաքակրթուած մարդկութիւնը, որ հայերս ալ նրան արժանի զաւակներ ենք եւ գիտենք կա՛մ յաղթել եւ կա՛մ պատուով մեռնել...։ Կիլիկիա՜, վերցո՛ւր քու մահակը, թին, կացինը. վերցո՛ւր քու դաշոյնը, րէվօլվէրը, հրացանը. վերցո՛ւր, ինչ որ ձեռքիդ կը հանդիպի, ինչ որ քեզ կը պաշտպանէ. ամէն հարուած զէնք է
127
ժողովրդային պատերազմում։ Կիլիկիա՜, ելի՛ր. թո՛ղ քո ամէն մի սիրտը հարիւրի տեղ բաբախէ. Ամէն-մի կորցրած շունչդ հարիւրաւորին տայ կենդանութիւն։ Հայ ժողովուրդ, թո՛ղ քամիէն փողփողուի քո յաղթական դրօշակդ եւ ապստամբական կոչդ որոտայ աշխարհի վրայ։ Սո՜ւրբ է քու դատդ, մեծ է քու գործդ, վսեմ է պարտականութիւնդ։ Եթէ մեռնինք` անմահութիւն է, եթէ յաղթենք – բարօրութի՜ւն։ Յառա՜ջ ընդդէմ բռնութեան։ Մէկը ամենուն համար, ամէնը` մէկին։ Յառա՜ջ։ Կեցցե՜ն Հայաստան եւ հայութիւն. Կեցցե՜ն Կիլիկիա եւ Զէյթուն. Կեցցե՜ն Ապստամբութիւն եւ Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութիւն։ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՅԵՂ. ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Հոկտ. 1895 Այս «մարտակոչ»ով մարմին կ’առնէր Աղասիի եւ Ապահի տարիներու սերմանած աշխատանքը ու կը յանգէր` Զէյթունի Ապստամբութեան պաշտօնական յայտարարութեան։ Հնչակեան Կուսակցութիւնը այլեւս բացէ ի բաց կը գործէր Կիլիկիոյ մէջ, եւ յանձին տեղւոյն վրայ իր ունեցած ուխտեալ գործիչներուն, Տաւրոսի բարձունքներուն վրայ կը սկսէր ծածանիլ հայկական եռագոյնին առընթեր Յեղափոխութեան կարմիր խորհրդանիշը...։
Զէյթունի պատգամաւորութիւնը Զէյթունի կառավարական շրջանակները, տեղեկանալով Գարանլըզ-Տէրէի մէջ գումարուած ժողովի մասին, եւ ապստամբելու համար հոն տրուած որոշումը, իսկոյն իրար անցած, հեռագրով յարաբերութեան կը մտնեն Բ. Դրան հետ եւ եղելութիւնը պարզելէ վերջ, հրահանգի կը սպասեն։ Ինչպէս որ յիշեցինք նախորդ էջերուն մէջ, Իզմիրլեան Պատրիարքի ստորագրութեամբ, ինչպէս Մարաշի, նոյնպէս ալ Զէյթունի Առաջնորդութեան ուղղուած էր հեռագիր մը, որով կ’ազդարարուէր` Սուլթանին տուած խոստումը «Բարենորոգմանց» գործադրութեան համար, եւ առ այդ կը զգուշացնէր որեւէ ծանրակշիռ դէպքի տեղի չտալ։ Զէյթունի նորընտիր գայմագամ, Ավնի պէյ, կը փութայ այս հեռագրին պարունակութիւնը հաղորդել ո՛չ միայն Զէյթունի հոգեւոր իշխանութեան, այլ պատուիրակութեամբ մը` Յեղափոխութեան պետերուն։ Այդ պատուիրակութիւնը, բաղկացած Զէյթունի Առաջնորդական փոխանորդ Տ. Կարապետ քահանայ Երկանեանէ (Քարձմօրուք), Աստուածատուր աղա Եզեկիէլեանէ եւ Աւետիք էֆ. Կէսզընեանէ, կը մեկնի Ալապաշ, ուր Աղասի, իրեն եկած հրաւէրին վրայ, Գարանլըգ-Տէրէէն` կ’երթայ Ալապօզանի Քեհեայ` Փանոս աղայի տունը, տեսնուելու համար պատուիրակներուն հետ։ Աղասի, գիտնալով հանդերձ թէ այդ հեռագիրը նպատակաւոր էր, խօսք կուտայ բանագնացներուն տասներկու օր եւս սպասել, խոստացուած «բարենորոգմանց» կատարումին, հակառակ պարագային, կը սպառնայ գործադրել
128
ժողովով տրուած որոշումները։ Այդ խոստումին համաձայն, երբ հրահանգներ կը տրուին շրջակայ հայ գիւղացիներուն սպասողական դիրք բռնել, Մարաշէն Հոկտեմբեր 25ին, Ուրբաթ օր, կը հասնին ահաբեկման եւ խուճապի լուրերը, իսկ Զէյթունէն կը տեղեկացուէր թէ տեղւոյն փոխ-կառավարիչը եւ պահակազօրքին գնդապետը, անցուդարձէն տեղեկութիւն առնելով, Մարաշի կառավարիչէն օգնական գունդեր ուզած էին, եւ ի պատասխան ստոր երկու հարիւր թուրք զինուորներ գիշերանց մտած էին քաղաքի Զօրանոցէն ներս։ Միւս կողմէ, միեւնոյն օրը, Ալապաշէն Խաչեր Քեհեայ Կարապետեան, կը տեղեկացնէ յեղափոխականներուն թէ մեծ թիւով կանոնաւոր եւ անկանոն զինուորներ երեւցած էին Արեգինի սահմաններուն վրայ, եւ թէ իրենց դիրքը վտանգուած ըլլալով, օգնական ուժի կը կարօտին։ Թուրք կառավարութիւնը, որ այլեւս Կիլիկեան Շարժումին հոտն առած էր, երկրին մէջ կը հրատարակէ մասնակի զօրաշարժ, եւ մինչեւ Գոնիայի կողմերէն պահեստի զինուոր կը հասցնէ Զէյթունի դէմ։ Զէնքի տակ կ’առնուին նաեւ Կիլիկիոյ շրջանակին պահեստի զինուորները` Զէյթունն ալ Սասունի վիճակին հասցնելու համար...։ Այս բոլորը կուգային ապացուցանել կառավարութեան լարած թակարդը։ Սպասողական դիրք բռնել, այլեւս պիտի նշանակէր բնաջնջուիլ։ Հետեւաբար, Պատերազմական Խորհուրդը բարեփոխելով նախապէս իր տուած որոշումը, ամէն կողմ հրահանգներ կ’ուղարկէ, որպէսզի հայ կռուող ուժերը, նախքան Շէմպէքի լեռը, կեդրոնանան` Ալապաշի Չագըր-Տէրէի ձորը, զի հո՛ն վիճակուած էր կատարելու համար կարմիր նախատօնակը...։ Զէյթունցիք երբ այսպէս, առանց դուրսի անցուդարձերէն տեղեակ ըլլալու, նուիրուած էին ինքնապաշտպանութեան, մայրաքաղաքէն ղրկուած հրամաններով` սահմանագլուխներէն մինչեւ Պոլիս` ամէն քաղաք ու գիւղ, ուր որ հայ կար, սկսած էին համիտեան ահաւոր ջարդերը, որոնց զոհ գացին 300,000 հայեր։ Զէյթունի խմորուող ապստամբութեան վիճակուած էր միայն հակակշռել` ընդհանուր կոտորածին աղէտները...։
Բերդուս չայի5 կռիւը Հոկտեմբեր 26ի Շաբաթ օրը, Գարանլըգ-Տէրէ համախմբուած հայկական զօրագունդը կը դիմէ Չագըր-Տէրէ6, ուր արդէն եկած էին երկու հարիւրի մօտ արեգինցիներ` Խաչեր Քեհեայի հետ։ Մինչեւ կէսօր, հոն կը հասնին Թէլէմէլիքի, Ֆռնուզի եւ Աւագ-կալի գիւղացիները, թուով 40 անձ, Տ. Մարտիրոս քահանայի, Ֆռնուզի գիւղապետ Եղիայի եւ Հաճի Փանոս Շամ Քէշիշեանի առաջնորդութեամբ. ամէն խումբ իր կարմիր դրօշակը պարզած, կը մտնէ հայկական նոր բանակատեղին։ Իրիկուան կը հասնի Նազարէթ Իշխանի վաթսունհինգ հոգինոց խումբը, որուն մէջ կային Պապիկ բաշայի երկու որդիները` Աւետիս եւ Աւետիք։
129
Այս խումբին երեւումը կ’ողջունուի կեցցէներով ու ծափահարութիւններով։ Նոյն օրուան կռուողներուն թիւը կը հասնի 400 հոգիի։ Պատերազմական խորհուրդը, թռուցիկ խումբեր ճանապարհ կը հանէ մինչեւ Ղըլաւուզ-Տէրէ` Զէյթունէն Մարաշ եւ Ալպիսթան երկարող հեռագրաթելերը խորտակելու եւ անցքերը պաշտպանելու համար. ու միեւնոյն ատեն յաջորդ օրուան ըլլալիք կռիւին նախապատրաստութիւնները կը տեսնէ։ Այդ գիշեր, թուրք բանակը մօտ 700 հոգի, գրեթէ մէկ ժամ հեռու կը գտնուէր Չագըր-Տէրէէն, զոր կը բաժնէին մէկ երկու բլուրներ եւ Ճիհան գետը։ Այս գետը իր խորութեամբ եւ աննպաստ դիրքովը շատ աւելի մեծ թշնամի մըն էր քան բուն թշնամին, այսուհանդերձ, պատերազմիկներուն նպատակը շօշափելի արդիւնքէ մը աւելի, այդ նորեկ թուրք բանակին վրայ սարսափ ձգել էր, որպէսզի Զէյթունի Զօրանոցին պաշարման ատեն չհանդգնէին օգնութեան հասնելու որեւէ փորձ ընել։ Հոկտեմբեր 27, Կիրակի առաւօտ կանուխ, նախապէս որոշուած 150 հոգիէն հազիւ 47 հոգի, Ջալլադի, Խաչեր Քեհեայի եւ Փանոս աղա Միքայէլեանի առաջնորդութեամբ երեք թեւի բաժնուած, կը յաջողին Ճիհան գետը անցնիլ` թուրք բանակին երկու կողերն ու կռնակը պաշարելու համար։ Մնացեալ քաջերը, Ապահի, Նազարէթ Իշխանի, Շամ Քէշիշեանի եւ Հաճի Մարտիրոսի հրամանատարութեան ներքեւ, թշնամի բանակին ճիշդ դիմացը, բլուրի մը վրայ կը տեղաւորուին։ Սակայն միջավայրին հեռաւորութեան պատճառով, հրացաններու արձակուած կապարներէն շատ քիչեր միայն պիտի հասնէին իրենց նպատակին։ Արշալոյսին հրաձգութիւնը կը սկսի նախայարձակ Ջալլադի կողմէ, որ առաջին գնդակով իսկ կը սպաննէ թուրք հարիւրապետ մը։ Թուրք բանակը յարձակման սաստկութենէն յուսահատած, երբ սկսած էր վրանները քակելով փախուստ տալ, յանկարծ, Բերդուսի, Սարը Չուգուրի եւ Մագսուտլարի մօտակայ թուրք գիւղացիները, երկու հազար պաշը պօզուքներով օգնութեան փութալով, հայ մարտիկները պաշարելով, զանոնք կը ստիպեն նահանջել։ Այս վտանգալի պահուն, Նազարէթ Իշխան եւ ուրիշ 50ի չափ քաջեր, ինչպէս նաեւ պահ մը վերջ Կարապետ Մ. Յակոբեան եւ Փանոս Խըզխըրթեան գետը նետուելով, իրենց ընկերներուն օգնութեան կը հասնին։ Երեքուկէս ժամ կռուելէ յետոյ, ջուրն անցնող հայկական բանակի ռազմամթերքը կը սպառի։ Այդ միջոցին տեղի պիտի ունենար մեծ կոտորած մը, եւ անխնայօրէն պիտի ջարդուէին Ճիհանի միւս կողմը անցնող հարիւրէ աւելի հայերը եթէ Ապահ անոնց օգնութեան չհասնէր։ Արդարեւ, Ապահ ունէր աղուոր Ուինչէսթըր վեցհարուածեան մը, որ յետոյ այդ հրաշագործ զէնքը ստացաւ Օրտու-պօզան (բանակներու քայքայիչը) մակդիրը, որուն շնորհիւ, իր թաքստոցէն, «Աւօ» զօրագնդէն Արթուլի, Ստեփան Տուռնայեանի, Հաճի Մարիրոսի, Փանոս աղայի եւ շարք մը ուրիշ լաւ
130
զինակիցներու հետ, կը սկսի տեղատարափ գնդակներ արձակել` յարձակող եւ պաշարող թուրք զինուորներու վրայ, որոցմէ շատերը կը սպաննուին նոյնհետայն։ Այդպէսով, թշնամին ստիպուած կ’ըլլայ թողուլ ջուրն անցնող հայերը, որոնք այլեւս ազատօրէն նահանջելով, կ’ապաստանին իրենց ընկերներու մօտ, մինչ անդին Ապահի գլխին տեղացող բիւրաւոր գնդակները ապարդիւն կ’անցնէին...։ Կռիւի ամենատաք միջոցին, թուրքերը իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնեն Նազարէթ Իշխանի եւ Ջալլադի վրայ, որոնք երկուքն ալ իրենց պարթեւական հասակով զինուորական համազգեստով եւ Մարթինի հրացաններով կը զատորոշուէին կռուող միւս հայ ուժերէն։ Վերջին պահուն երբ այլեւս իրենց փամփուշտները կը սպառին, կ’ուզեն նահանջիլ։ Նազարէթ Իշխան, հակառակ ձախ սրունքէն իր ստացած թեթեւ վէրքին կը յաջողի գետը անցնիլ, իսկ Ջալլադ երբ կ’ուզէ ձի նստիլ եւ հեռանալ, թշնամիի անողոք գնդակը կուգայ եւ կը ծակէ երիկամունքի քովէն այն ազդրը, որ ձիու ասպանդակի վրայ բարձրացուցած էր, եւ առիւծը մայրի ծառի մը նման կը փռուի գետին, ու թշնամիները հասնելով իսկոյն գլուխը կը կտրեն եւ Մարաշ կը տանին ու կը ցուցադրեն իբրեւ Նազարէթ Չավուշին գլուխը։ Կռիւը կը տեւէ ամբողջ չորս ժամ, որու ընթացքին թշնամին կ’ունենայ երեսուներեք զոհ եւ տասներկու վիրաւոր։ Զէյթունցիներէն կը նահատակուին Ջալլադ եւ երկու արեգինցիներ, իսկ կը վիրաւորուին Նազարէթ Իշխան եւ երեք ուրիշներ, որոնց վէրքերը շուտով կ’առողջանան։ Հակառակ թշնամիին ցիրուցան ըլլալուն, կռիւի յաղթութիւնը անորոշ կը մնայ։ Թուրք բանակը որ արդէն իր վրանները սկսած էր քակել, կռիւը դադար առնելէն երկու ժամ ետքը, բոլորովին կը լքէ իր դիրքերը ու կ’երթայ բանակելու չորս ժամ հեռու թուրք գիւղի մը մօտերը։ Իսկ հայ մարտիկները այդ Կիրակի օրուան կարմիր նախատօնակի «պատարագ»էն յետոյ, կը հաւաքուին Չագըր-Տէրէ, եւ քիչ մը հանգստանալէ վերջ, Կիրակի կէս օրին բանակը կը շարժի դէպի Զէյթուն։ Միայն հարիւրի մօտ ալապաշցիներ, Խաչեր Քեհեայի հրամանին տակ, Ճիհան գետի եզերքն ի վեր հսկելու պաշտօնով հոն կը մնան։ Այդ օրերուն, Հնչակի սեփական թղթակցէն` Լոնտոն ուղարկուած հեռագիր մը, հետեւեալ տողերով կը հաղորդէ ապստամբութեան բռնկումը. 1 Նոյ. 1895. Զէյթուն ապստամբեցաւ։ Մարաշի միւթէսարըֆը գունդ մը (400) զօրքով անցեալները ուղարկուեցաւ Զէյթունի վրայ։ 150 զինուորներէ բաղկացեալ գունդ մը եւս ճանապարհ ինկաւ Հալէպէն դէպի Զէյթուն։ Հայկական բանակը երբ ճանապարհ կ’իյնայ դէպի Զէյթուն, երթալով կը
131
ստուարանայ։ Օգնութեան փութացող հայ կտրիճներու գունդեր իրարու կը յաջորդեն Թէլէմէլիք գիւղէն, Ֆռնուզէն, իրենց գլուխ ունենալով Մանուէլ աղա Ալաճաճեանը եւ Տ. Բարթողիմէոս Վրդ.ը։ Այս վերջինը, սպիտակ նժոյգի մը վրայ նստած, աջ ձեռքին մէջ երկար սուր մը բռնած եւ խոշոր խաչ մը կուրծքէն կախուած, փառապանծ գնացքով մը դէպի հայկական զօրագունդը կը դիմէ։ Խանդավառութիւնը իսկապէս աննկարագրելի է այդ պահուն, երբ մանաւանդ Աստուծոյ այդ պաշտօնեան` Բարթողիմէոս Վարդապետ Թագաճեան, Խաչակիրներու նոր առաքեալի մը հանդիսութեամբ, բարեւելով, հայրաբար օրհնելով, կ’անցնի` հայրենեաց սուրբ գործին ուխտաւորներուն առջեւէն, ըսելով. «Քաջ եղէ՛ք, զաւակներս, մե՜ծ է ուժը խաչին եւ սուրին»։ Իսկ երբ Շէմպէք լերան վրայ կը հասնի հայ բանակը, այդտեղ եւս Զէյթունէն` ասպատակապետ Մէրկէնեան Հաճիի խումբը եւ Եզիտլէր եւ Մուրթատլար հայաբնակ գիւղերէն 200 հոգիի չափ օգնութեան կը փութան։ Այդպէսով, հայ կռուող ուժերը հետզհետէ բազմանալով, կը հասնին 700 հոգիի։ Այդ բանակը Կիրակի գիշեր կը հասնի` Զէյթունի շրջակայ այգիներու մօտ` պաշարելու համար Զէյթունի պահակագունդին Զօրանոցը, այն բռնութեան բերդը, որ տարիներէ ի վեր կապարի ծանրութեամբ կը ճնշէր հալածուած` այլ ազատութեան սիրահար Զէյթունի լեռնականներու խղճմտանքին վրայ...։
Զէյթունի Զօրանոցին պաշարումը Կիրակի 27 Հոկտեմբեր գիշերուան պահուն, երբ հայկական բանակը կը շարունակէր քալել դէպի նպատակակէտ, Զօրանոցին մօտենալու հազիւ մէկ ժամ մնացած, Զէյթունէն խումբ մը կարեւոր անձնաւորութիւններ, առաջնորդութեամբ Ս. Յովհաննէս թաղէն Տ. Նշան քահանայ Երէցեանի, դիմաւորելով յեղափոխականները, կ’աշխատին համոզել թէ Զօրանոցի գրաւումը անհնար է եւ այդ յարձակումէն ամբողջ Զէյթունը կրնայ տուժել, եւն։ Միջամտութիւնը ապարդիւն կ’անցնի ու խումբը կը հասնի Խախտոց (Օյնախ) հայաբնակ գիւղը Զօրանոցին մօտ. այս վերջինը կառուցուած էր քաղաքէն քառորդ ժամ հեռաւորութեամբ, արեւելեան կողմը, տափարակ բլուրի մը վրայ։ Բերդուս չայի կռիւին ելքը եւ զէյթունցի պատերազմիկներուն դիտաւորութիւնը իմացած էր Զօրանոցին գնդապետ Իֆֆէթ պէյ, եւ ինքնապաշտպանութեան համար եղած տնօրինութիւնները ընելով, եղելութիւնը Մարաշ հեռագրած եւ օգնական ուժեր խնդրած. այդ էր պատճառը որ Պատերազմական Խորհուրդը ուզած էր Զօրանոցին պաշարումը փութացնել` Մարաշէն նոր գունդերը չհասած։ Բոլոր զինուորները Զօրանոցէն դուրս խնամով պատրաստուած պարտէզներու մէջ եւ սպաներուն շրջակայ տուները դիրք կը բռնեն ու սպաներուն ընտանիքները Զօրանոց կը փոխադրուին։ Հոս իբրեւ լուսաբանութիւն մեր ըսածին, աւելցնենք որ Զօրանոցին օդասուն
132
դիրքէն հրապուրուած սպաները իրենց ընտանիքները Հալէպէն, Մարաշէն եւ ուրիշ տեղերէ բերելով յատկապէս շինուած գեղեցիկ տուներու մէջ կը բնակէին, որով այդ շրջանակը ծառաստաններով զարդարուած թաղի մը կերպարանքը ունէր. երբ հարկ ըլլար վաշտերը փոխադրել տարբեր քաղաքներ, մեկնող սպաները նորեկներուն կը վաճառէին իրենց բնակարանները։ Այդ օրերուն, 40ի չափ ընտանիքներ կը բնակէին յիշեալ տուները, որոնք, ապահովութեան համար, այդ տեղերէն փոխադրուած էին Զօրանոց, ու անոնց տեղ զինուորներէն մաս մը եկած լեցուած էին այդ տուները։ Օյնախի մէջ, բանակը երկու թեւի կը բաժնուի. Զէյթունի Վերի թաղի Նազարէթ Իշխանի մարդիկը, յեղափոխական գործիչներու հետ գիշերուան մթութենէն օգտուելով կ’ուղղուին դէպի հիւսիս եւ Զօրանոցին ետեւէն անցնելով, կը մտնեն Զէյթունի Ս. Աստուածածնայ վանքը ուր կ’ապրէր հարիւրամեայ Սահակ վարդապետ։ Պօզպայիրցիները, ապստամբապետ Շամ Քէշիշեանի հետ Զօրանոցը կը պաշարեն հարաւային եւ արեւմտեան կողմերէն, իրենց հետ ունենալով Կարկալար թաղի քաջերը` Կարապետ Տ. Յակոբեանի, Աւետիք Տ. Ղազարեանի (եղբայր տարաբաղդ Սմբատ Բիւրատի) խմբապետութեամբ։ Իսկ Սուրէնեան թաղի քաջերը, Մէկէնեան հաճիի եւ Սուրէնեան աղաներուն հետ, Զօրանոցը կը պաշարեն հիւսիսային կողմերէն։ Դարձեալ նոյն թաղի քաջերէն ուրիշ մաս մը Նազարէթ Իշխանի եղբայր` Սարգիս աղայի հրամանատարութեան ներքեւ, կէս ժամ հեռաւորութեամբ կ’երթան կտրել Զօրանոցի ջուրը հայթայթող առուակը, եւ Զօրանոցը պաշարել արեւելեան կողմէն։ Զէյթունցիներու ուրիշ խումը մըն ալ կը պաշարէ` քաղաքին կառավարութեան պալատը` իր մէջ գտնուող գայմագամով, յիսնապետով եւ անձնապահ պաշտօնէութեամբ, 75 զինուորներով։ Բոլոր կողմերէ պաշարումը կատարեալ ըլլալով, կը սպասուի Հոկտեմբեր 28ի արշալոյսը բացուելուն։ Ամէն կողմ խորհրդաւոր լռութիւն կը տիրէ. ո՛չ մէկ ձայն, ո՛չ մէկ մարդկային հետք։ Միայն, առաւօտեան աղօտ լոյսին մէջէն հազիւ նշմարելի կերպով կը տեսնուին Զօրանոցին չորս կողմը` իրարմէ որոշ հեռաւորութեամբ աճապարանօք կառուցուած հայկական մարտկոցները եւ տեղ տեղ բարձրացուած ազգային եւ յեղափոխական դրօշակները։
Բշ. 28 Հոկտեմբեր Տիրող խորհրդաւոր այս լռութիւնը խզող առաջին նշանը կ’ըլլայ` թուրք զինուորները զարթուցանող փողը ու մուէզզինի ձայնը, որ Զօրանոցին գրեթէ կից շէնքէ մը, հաւատացեալները աղօթելու կը հրաւիրէր։ Այդ պահուն, յայտնի չ’ըլլար թէ ո՞ր անհամբեր ու ճարպիկ նշանառուին գնդակն էր որ կը ծակէ կ’անցնի թուրք կրօնաւորին գանկը, կիսատ թողլով մոլեռանդ մօլլային լայնափեռիկ կոկորդէն ելած աղօթքի եղանակաւոր հրաւէրը։ Զարթուցիչ փողին անմիջապէս կը յաջորդէ ահազանգի փողը։ Զօրանոցը
133
իրարանցումի մէջ կ’ըլլայ, եւ թուրք սպաներուն հարէմները, որ առ ի զգուշութիւն մէկ օր առաջ Զօրանոցը ապաստանած էին, յանկարծակիի եկած, շուարումի ճիչեր կ’արձակեն։ Պատերազմը կը սկսի։ Թնդանօթները անընդհատ կ’որոտան, ու ռումբերը աջ ու ձախ մարտկոցներուն վրայէն անցնելով հեռուները` ապառաժներուն կը զարնուին. իսկ հրացանաձգութիւնը` երկուստեք կատաղի սաստկութեան կը հասնի, մանաւանդ այն մարտկոցներուն դէմ, որոնք Զօրանոցին երկու խոշոր դռները փակ պահելու պաշտօն ունէին։ Մինչեւ կէսօր, Զօրանոցին պաշարման շղթան կատարեալ կ’ըլլայ, եւ հայ պատերազմիկներուն թիւը 2000ի կը հասնի։ Ամբողջ Զէյթուն ոտքի վրայ է, եւ ամէն ոք իր պարտականութեան գլուխը կեցած կ’աշխատի։ Հարսեր ու օրիորդներ իրենց զարդերէն մերկացած ու քուրձ հագած, կը լեցուին եկեղեցիներու մէջ, անօթի ու ծարաւ կ’աղօթեն։ Եկեղեցիներն ու եկեղեցականները Մեծ Պահքի օրերու պէս կը սգաւորուին, աղօթքով ու ապաշխարութեամբ նախախնամութեան օգնութիւնը կը հայցեն։ Չորս թաղերու եկեղեցիներուն զանգակները կը հնչեն, քահանաները հարկ եղած յորդորները կուտան ժողովուրդին, եւ ի նշան սուգի, այդ օրերէն սկսեալ, ամբողջ Ապստամբութեան տեւողութեան, կը գոցեն եկեղեցւոյ սեղաններուն վարագոյրները։ Անձնական հաշիւները կամ տնական առօրեայ գործերը վերջ գտած են։ Կիներ, հարսեր ու աղջիկներ` ալիւր կը պատրաստեն, խմոր կը շաղեն, հաց կ’եփեն ու պատերազմիկներուն կը տանին։ Մինչ անդին զէնք չունեցող ծերունիներ կամ պատանիներ, ի մի համախմբուած, գնդակներ կը պատրաստեն եւ պարպուած փամփշտակալները կը լեցնեն։ Զօրանոցը գրաւելու համար, հարկ էր գրաւել անոր մօտակայ թրքաբնակ տուները. պօզպայիտցիներէն խումբ մը, Կարապետ Տ. Յակոբեանի եւ Յակոբ Պալճեանի գլխաւորութեամբ կը խոյանան այդ բնակարաններէն ներս, ու մինչեւ իրիկուն հետզհետէ կրակի կուտան զանոնք։ Երբ առաջին անգամ, Զօրանոցի Քրուբի երկու թնդանօթները դուրս կը հանուին անխնայ ռմբակոծելու համար հայերը, Փանոս Չօլաքեան կարող նշանառուն հրացանի մէկ գնդակով կը սպաննէ թնդանօթաձիգ սպան, ասոր վրայ ներս կ’առնուին թնդանօթները։ Յետոյ զէյթունցիք այնքան կը մօտենան Զօրանոցին, որ իրենց գնդակները` հիանալի նշանառութեամբ, Զօրանոցի պատերուն վրայ յատկապէս բաց թողուած ծակերէն ներս կը տարափուին` աւեր ու նախճիր սփռելով իրենց շուրջ։ Զօրանոցը իր ջուրի շտեմարանը ունէր, եւ այդ աւազանին մէջ լեռներէն ագուցուած խողովակներով ջուր կը վազէր. եւ որպէսզի Զօրանոցին մէջ ջուրի սովը կատարեալ ըլլայ, ինչպէս յիշուեցաւ, պաշարման առաւօտն իսկ, ջուրին ընթացքը կտրելէ առաջ, ոչխարի արիւն եւ քարիւղ խառնելով առուակի հոսանքին մէջ, ջրամբարը անգործածելի կ’ըլլայ։
134
Այսպէս, ջուրի նուազութիւն ըլլալով Զօրանոցին մէջ, փափկակազմ թրքուհիները կաթիլ մը ջուրի պապակը կը քաշեն։ Զինուորները կանանց զգեստներու տակ ծպտուած գիշերանց փորձեր կ’ընեն` մօտակայ առուակէն ջուր փոխադրելու, սակայն կտրիճ եւ արթուն լեռնականներուն սրատես աչքերէն չխուսափելով, ջրամանները ձեռքերնին` թաւալգլոր կ’իյնան...։ Գիշերուան ընթացքին նորանոր մարտկոցներ կը բարձրացուին ու Զօրանոցին մօտիկը գտնուած հանրային բաղնիքը, թուրք սպաներուն լքած տուներուն մէկ մասը կ’այրուին, իսկ միւս մասերը կը գրաւուին։
Գշ. 29 Հոկտեմբեր Լուսածագին, 24 ժամէ ի վեր կը շարունակուի պատերազմը. յուսահատական ճիչեր ու ճիգեր կ’ըլլան Զօրանոցէն դուրս խուժելու։ Եւ սակայն հայ մարտիկներու կողմէ արձակուած հազարաւոր գնդակներու տարափը` սարսափահար թշնամին իր թաքստոցէն ներս քաշուիլ կը ստիպէ։ Երկրորդ փորձ մը եւս կ’ըլլայ թնդանօթները դուրս հանելու, սակայն երբ 40 ռումբ արձակուելէ վերջ որեւէ արդիւնք չի տեսնուիր, իսկոյն ներս կ’առնուին անոնք։ Կէսօրուան մօտ, զէյթունցիք կը գրաւեն, անպաշտպան Զօրանոցի մօտ մնացած մզկիթն ալ։ Մինչեւ այդ պահուն, հայերը կ’ունենան երեք զոհ եւ չորս վիրաւոր, ընդդէմ թշնամիին տասնապատիկ կորուստին։ Զօրանոցի գրաւումը կ’ուշանար։ Զէյթունցիք կատղած կը պոռան զինուորներուն` շուտով յանձնուիլ, հակառակ պարագային կը սպառնան հրդեհել զայն։ Ապահ, իր ետին ունենալով ապստամբապետ Փանոս Շամ Քէշիշեան կտրիճը, կ’աղաղակէ. «Կամ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը թաղենք Զօրանոցի փլատակներուն տակ, եւ կամ աւելի կ’ամրացնենք զայն այդ շէնքին վրայ...»։ Իսկ Շամ Քէշիշեան կ’աւելցնէ. «Պիտի առնե՛մ, պիտի առնե՛մ Զէյթունի Զանգ-գալէն»։ Լեռնցի այս առիւծը կռնակ կռնակի տուած յեղափոխական գործիչին Ապահի, կռուողներուն գլուխ անցած անհաշտ ու վճռական կռիւ կը մղէին` ընդդէմ բռնութեան։ Իրիկնադէմին, լուր կը հասնի թէ օգնական ուժեր կուգան` պաշարուած Զօրանոցին մէջ գտնուող զինուորներու փրկութեան։ Նոյնհետայն, տեսնելով որ աւելի յապաղում մը կրնար ընդհանուր գործին վնասել, Աղասի, սպառնական նամակի մը հետ` ուղղուած փոխ-կառավարիչին եւ յիսնապետին, Ս. Աստուածածին վանքէն կ’ուղարկէ գունդ մը զէյթունցիներ երթալ դիրք բռնելու քաղաքի կառավարչատան դիմաց` կաթողիկէ հայոց եկեղեցւոյ մօտ, եւ սպառնալ զինուորներուն` իրենց ունեցած պայթուցիկ հրանիւթով օդը հանել շէնքը։ Փոխկառավարիչը կը զիջանի ի վերջոյ յանձնուիլ, պայմանով որ զինք ողջ ձգեն։ Այս բարեյաջող լուրին վրայ Հրաչեայ եւ Մլեհ վանքէն քաղաք իջնելով զինաթափ կ’ընեն զինուորները։ Երեկոյեան, դեռ արեւը մայր չմտած, Զէյթունի փոխ-
135
կառավարիչ գայմագամ Ավնի պէյ, իր սուրը եւ հարիւրի չափ հրացաններ ու շատ մը ռազմամթերք կը յանձնէ յեղափոխական պետերուն, եւ ինք հսկողութեան տակ առնուած, կը մնայ իշխան Կարապետ Վասիլոսեանի բերդին մէջ, իսկ իրեն հետ գտնուող յիսնապետը, կառավարութեան պաշտօնէութիւնը եւ զինուորները կը տեղաւորուին Զէյթունի աղաներու տուներուն մէջ, մինչդեռ կառավարական պաշտօնատան վրայ հանդիսաւորապէս կը պարզուի ազգային յեղափոխական դրօշակը։ Աղասի ալ ի վերջոյ վանքէն ցնծութեամբ ու կեցցէներով քաղաք առաջնորդուելով, իր բնակիչներէն պարպուած կառավարչատան դուռը կը կնքէ, անոր հսկողութիւնը յանձնելով Մլեհի, Աւետիս աղա Շանօյեանի եւ Պետրոս աղա Չագրեանի։ Այս առաջին յաղթանակը մեծապէս կ’ոգեւորէ Զէյթունի ժողովուրդը։ Այդ ժամանակ, յեղափոխականք ոդիսական ուրիշ հնարք մը եւս կը խորհին` թուրքերը ահաբեկելու եւ զօրանոցի գրաւումը փութացնելու համար, ինչպէս փորձուած էր դարեր առաջ, Տրովադայի գրաւման ատեն։ Աւագ աղա Չագրեանի, Աւետիք էֆ. Կէսզընեանի եւ Կարապետ Տ. Յակոբեանի խորհուրդով, քաղաքին ճարտար դարբիններէն` Չօլագեան եղբարց կողմէ, մէկ օրուան մէջ կը պատրաստուի երկաթապատ անիւաւոր կառք մը, իր նախնական ձեւին մէջ տեսակ մը թանք, որը կարելի էր տասը հոգիով քշել ու հասցնել մինչեւ Զօրանոցի դուռը։ Կառքը շինուած էր անգլիական երեք մատնաչափ թանձրութեամբ երկաթ տախտակներէ, որ ո՛չ թնդանօթը ո՛չ ալ կապարը կարող էր ծակել կամ փշրել. միաժամանակ պատրաստուած էր 8 թիթեղ քարիւղ, օղի եւ քաղաքի ջրհան մեքենան, այնպէս որ կառքով պիտի մօտեցուէր Զօրանոցի դրան եւ ջրհանով քարիւղ եւ օղի սրսկուէր դրան վրայ, պատշգամի նման դուրս շինուած գնդապետի սենեակէն։ Ապա՛հն է որ կը հսկէ բոլոր այս պարտաւորութեանց վրայ, եւ պաշարման սկիզբէն ի վեր, երկու գիշեր անընդհատ, վայրկեան մ’իսկ չքնանալու պայմանով, կրակի առաջին գծին վրայ կեցած, կը խրախուսէ կռուող ուժերը։ Վերջին պահուն սակայն, զէյթունցիք խղճի դէմ կը նկատեն 600է աւելի հոգիներ վառել չարաչար կերպով, ուստի վերադարձին, Աղասի, Ս. Աստուածածին վանքէն, հայերէն լեզուով խմբագրուած նամակ մը կը գրէ գերեվարուած թուրք փոխ-կառավարիչին եւ յիսնապետին, պահանջելով որ անոնք ալ իրենց կարգին գրաւորապէս հրահանգելով Զօրանոցի գնդապետին ընդփոյթ յանձնուին հոն գտնուող զինուորները, հակառակ պարագային ընելով նոյն սպառնալիքը ինչ որ ըրած էր փոխ կառավարիչին, այսինքն պայթուցիկ նիւթերով օդը հանել ամբողջ Զօրանոցը։ Փոխ-կառավարիչը այս նամակը առնելէ վերջ, զարհուրած պայթուցիկ նիւթերու յիշատակութենէն, անմիջապէս իրմէ պահանջուած նամակը վայրկենապէս կը գրէ, իր տեղը կը հասցնէ եւ պատասխանը կուգայ...։ Այսինքն իսկոյն, Զօրանոցին վրայ կը պարզուի անձնատուութեան ճերմակ դրօշակը...։ Զօրանոցի գնդապետը որ յեղափոխականներու կողմէ եղած գրաւոր սպառնալիքին հետ տեսած էր նաեւ անոնց շինած թանքը, կ’ընդունէր յանձնուիլ,
136
սակայն օրը տարաժամած ըլլալուն, կը խնդրէր հետեւեալ առաւօտեան թողուլ։ Հրամանատարին խնդիրքը կ’ընդունուի այն պայմանով որ` ի նշան անձնատուութեան` թնդանօթի երկու հարուածներ օդին մէջ արձակուին, եւ միանգամայն նոյնը` շեփորով զինուորներուն յայտարարուի։ Զօրանոցի այն թնդանօթաձիգը, որ պաշարման առաջին առաւօտն իսկ հանդարտեցնելու համար Զօրանոցի ահաբեկած թրքուհիները, յայտարարած էր թէ կէս ժամէն ամէն ինչ տակնուվրայ պիտի ընէր ու ապստամբներու գլուխները սուիններու ծայրերը անցուցած, Մարաշ` միւթէսարըֆին նուէր պիտի ղրկէր, նո՛յն սպան էր որ հիմա պաշարումէն 40 ժամ վերջ, ի նշան անձնատուութեան, թնդանօթի երկու հարուածները օդին մէջ կ’արձակէր։ Թնդանօթի հարուածներուն կը յաջորդէ լալագին եղանակով մը հնչուած շեփորին ձայնը, որ կարծես բողոք մըն էր ուղղուած Մարաշի կառավարութեան` զիրենք անօգնական թողելու համար։ Այս յայտարար նշանով պատերազմը կը դադրի։ Զօրանոցը պաշարուելէն ի վեր, առաջին գիշերն է որ` ո՛չ հրացանի զարկ կը լսուի եւ ո՛չ ալ սպառնական խօսքեր կը փոխանակուին։ Վիթխարի շէնքը, Զօրանոցը, թանձր մեծութեան մէջ աւելի ահարկու տեսք մը կ’առնէ, կարծես հարիւրաւոր մեռելներու վրայ ձգուած` մտակտուր գերեզմանաքարի մը երեւոյթն ստացած ըլլար։ Ո՞ւր էին այն հրեղէն լեզուները որ թնդանօթներէն դուրս կը ժայթքէին։ Արդեօք գիշերուան խորին մթութեան մէջ դաւադրական ծրագիրնե՞ր կը մշակէին թէ` յուսալքուած անհաճոյ երազներ կը տեսնէին քունի մէջ։ Միայն սա յայտնի էր որ 2000 ուխտեալներ` տեղերնին անշարժ մնացած, զէն ի ձեռին լուռ ու մունջ, սեղմուած շարքերով, գերեզմանաքարին տակ սմքած դիերը կը հսկէին...։
Բռնութեան բերդին անկումը. Դշ. 30 Հոկտեմբեր Գեղեցիկ ու պայծառ արեւի ճառագայթները դեռ նոր կը սկսին ողողել բովանդակ լեռներու կատարները, ու գեղաճաճանչ բնութեան հմայիչ տեսքին հետ, կը լսուին հազարաւոր բարեպաշտ հայ ռազմիկներու միաժամանակ երգուած Առաւօտ լուսոյն, որ ընդարձակ տարածութեան մը վրայ, ներդաշնակ ձայներու ալիքներու միացումով, լեռներն ու ձորերը կը թնդացնեն։ Զէյթունցիներու Աստուածը ընդունած էր, Պէրիթ լերան կատարներէն անոնց աղօթքը եւ նո՛յն օրն իսկ պիտի իրագործէր անոնց ոսկի երազը...։ Դեռ մինչեւ առաւօտեան ժամը 10ը, Զօրանոցը չի յանձնուիր։ Հրամանատարը, ատեն-ատեն զինուոր մը կ’ուղարկէ, եւ խուսափողական պատասխաններով, ժամանակ շահիլ կ’ուզէ։ Այս խորհրդաւոր ձգձգումները կասկած կը ներշնչեն Ապահի, որ անմիջապէս կը փութայ դրան բանալիին ծակէն քննելու թէ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ ներսը` բակին մէջ...։ Ապահ կը տեսնէ որ երկու
137
թնդանօթները ուղղուած են դէպի դուռը, իսկ զինուորները իրենց փամփշտանոցները կապած ու զէնքերը ձեռքերնին, բակին մէջ խռնուած, իրարանցումի մէջ էին։ Սպայակոյտի մէկ մասը անհամաձայն գտնուելով անձնատուութեան գաղափարին, զօրքերը ապստամբեցուցած եւ ուզած են յանկարծակիի բերելով, թնդանօթներուն ռումբերուն ետեւէն դուրս խուժել ու պաշարման շղթան խորտակելով ազատիլ...։ Երկվայրկեան չանցած, Ապահ կը սլանայ դէպի հայ մարտիկները ու վտանգի սուլիչովը` կրակելու պատրաստ գտնուելու հրահանգ կուտայ։ Հրամանատարը սուլիչին անդադար ձայնէն շփոթած, պատշգամ կը վազէ, խնդրելով որ չկրակեն, որովհետեւ ինք արդէն վար իջնելու վրայ էր եւ յանձնուելու պատրաստ։ Հրամանատարը կ’իջնէ բակը ու կը սաստէ սպաներն ու զինուորները։ Ապահ, Հրաչեայ, Բարթողիմէոս Վրդ., Չավուշ Արթին Պօյաճեան, Զօրանոցի դրան առջեւ բանակցութեան մտնելով ներսը գտնուող գնդապետին ու սպաներուն հետ, սպառնալիքի տակ, ստորագրել կուտան անձնատուութեան թուղթ մը։ Այդ ժամանակ, ժողովրդական պատգամաւորութիւն մը Ս. Աստուածածնայ վանքը երթալով կ’ընկերանայ Աղասիին զի ան, կռիւներուն չէր կրնար մասնակցիլ, իր տկարակազմութեան պատճառաւ, ու վանքը կը մնար, որ մեծ շուքով, կուգայ Զօրանոցին մօտ, անկէ 200 քայլ հեռու գետինը փռուած վերարկուներու վրայ կը նստի, Աւագ աղա Չագըրեանի եւ Աւետիք էֆ. Կէսզընեանի մէջտեղ շրջապատուած սպառազէն զէյթունցիներու խումբով մը ու պատկառելի դիրք մը առած, կ’ընդունի թուրք հրամանատարին բանագնացները։ Աղասի անոնց հետ հայերէն կը խօսի, եւ Աւետիք էֆ. կը կատարէ թարգմանի պաշտօնը։ Սպաներուն կը պատասխանուի թէ գնդապետի առաջարկի համեմատ Զօրանոցին բոլոր ընտանիքները եւ ստորադաս պաշտօնեաները իրենց գոյքերով անվնաս Մարաշ պիտի ղրկուին, բայց զօրքերը, գնդապետը, թնդանօթաձիգները եւ գայմագամը Զէյթունի մէջ պիտի պահուին ապահով, ցնոր տնօրինութիւն, եւ հարկ էր Զօրանոցը անմիջապէս յանձնուէր։ Սպաները այս պայմանները կը հաղորդեն գնդապետին, որ առանց այլեւայլի, կ’ընդունի։ Ու բռնութեան բերդը կ’իյնար` առանց դուլ ու դադարի 50 ժամ հրացանաձգութենէ եւ 60 ժամ պաշարուելէ յետոյ7։ Վերջապէ՜ս, Զօրանոցին դուռը կռունկին վրայ կը բացուի, եւ հրամանատարը իր սպայակոյտով` սուրերնին յանձնելով դուրս կ’ելլեն։ Յեղափոխական գործիչները, «Աւօ» զօրագունդի եւ ժողովրդային նշանաւոր ապստամբապետներու հետ, Զօրանոցի դուռը կանգնած, կը սկսին գինաթափ ընել։ Ապահ եւ Հրաչեայ Զօրանոցի ամրակուռ բաց դրան երկու կողմը կանգնած դէմ առ դէմ, իրենց ինչպէս ձիու վրայ նստած Բարթողիմէոս Վրդ.ի բարձրացուցած սուրերնուն տակէն մէկիկ-մէկիկ, գլխիկոր կ’անցնին յուսալքուա՜ծ ու
138
զինաթափուա՜ծ զինուորները այդ մարդկային ջոլիրները իրենց սպաներով միասին։ Զէյթունցւոց մօտ սովորութիւն էր ի նշան անձնատուութեան թուրքերուն խաչ համբուրել տալ, ինչ որ այդ պահուն Զօրանոցէն դուրս ելլող բոլոր զինուորները կը համբուրեն Բարթողիմէոս Վրդ.ի կրծքէն կախուած` Ս. Ստեփանոս Ուլնեցիի մասունքով արծաթեայ խաչը, յարգալիր խոնարհելով ու բարեւելով նաեւ հայկական դրօշակը։ Իսկ թրքուհիները կը փաթթուէին Ապահի, Հրաչեայի եւ Մլեհի վզերէն ու կը խնդրէին որ խնայեն իրենց կեանքին ու պատւոյն։ Թրքուհիները սակայն կը քաջալերուէին ու կը ստանային հոն իրենց պատւոյն ու կեանքին կատարեալ ապահովութիւն։ Հայ յեղափոխականներն ու զէյթունցի լեռնականները անոնց հետ կը վարուին ասպետաբար, եւ ինչպէս դարեր Մուշեղ Մամիկոնեան ըրած էր Շապուհի գերի ինկած կիներուն, իրենք ալ գերի թուրք սպաներու կիները պատուով կը ղրկեն Մարաշ, առանց նոյնիսկ զանոնք խուզարկութեան ենթարկելու, այսպէս ցոյց տալով որ իրենք ալ նոյն ազնուական արիւնը կը կրեն իրենց երակներուն մէջ։ 600 գերիներու այս հոծ բազմութիւնը կ’անցնի` երկու կարգի վրայ, խիտ առ խիտ շարուած, յոտից ցգլուխ զինուած, ահարկու կերպարանքներով զէյթունցի կտրիճներուն մէջէն, ու կ’առաջնորդուի քաղաք ուր զինուորները կը տեղաւորուին կառավարութեան գրաւուած պալատը եւ Կեդրոնական Վարժարանը, ու կը տրուի իրենց ամէն խնամք, իսկ սպաներու 50 հոգի ընտանիքները յաջորդ օրն իսկ իրենց սնտուկներով, ապահովութեամբ եւ պատուով կը ղրկուին Մարաշ, եղած խոստումի համաձայն։ Այսպէսով Զօրանոցը կը գրաւուի, եւ անոր վրայ կը սկսին փողփողիլ հայկական երեք գոյները։ Զէյթունի Զօրանոցին անկումը այնքան շշմեցուցիչ կ’ըլլայ ու շփոթութեան կը մատնէ թուրք իշխանութիւնները, որ Մարաշի կառավարիչ` Ապտիւլ Վէհապ բաշա չի համարձակիր որոշապէս իրողութիւնը հաղորդել Սուլթան Համիտին, ու կը հեռագրէ. «Զէյթուն գտնուող արքունի զօրքը ազատուեցաւ պաշարումէ»։ Մինչդեռ ուրիշ աղբիւրներէ գացած հեռագիրներ, տարբեր ձեւով կուտան եղելութիւնը...։ Ռէօթէրի գործակալութիւնը կը հաղորդէ. 6 Նոյ. Պոլիս. Զէյթունի մէջ հայերը բացարձակապէս ապստամբած են։ Երկիրը լեռնային է. ան Փոքր Ասիոյ Զուիցերիան կը համարուի, եւ այնտեղ եղած խռովութիւնը ճնշելը դժուար եւ երկար գործ է։ Յետոյ, քանի մը օր վերջ ուրիշ մը, դարձեալ Ռէօթէրէն. 11 Նոյ. Պոլիս. Զէյթունի մէջ գտնուած թրքական զօրքերու գումարտակը, որ վերջերս
139
հայ ապստամբներու խումբէ մը պաշարուած էր, իր զէնքերով եւ ռազմամթերքով անձնատուր եղաւ, եւ հայերը ներկայիս գրաւած են ամրութիւնները եւ այն դիրքերը որոնք կը գտնուին զօրքերու ձեռքին տակ։ Ուղեկորոյս «Կեդրոն»ը Լոնտանի թերթերը խոշոր վերնագիրներով, կը շարունակէ Սուրէն Սուրէնեան իր յուշերուն մէջ, կը ծանուցանէին Զէյթունի ապստամբութիւնը եւ Զօրանոցի անձնատուութիւնը` իր եօթը հարիւր զօրքերով ու ռազմամթերքով։ Այս պարագաներու տակ ամէնէն վսեմ ու անմոռանալի տեսարանը, որ միշտ աչքիս առջեւն է ու մինչեւ կեանքիս վերջը պիտի չմոռնամ, ռուս յեղափոխականներու խմբովին մեր տունը խուժելն էր։ Ի լուր Զէյթունի յաղթութեան, այս խումբ մը ազնուոգի ռուս յեղափոխականները խենթեցած, խելայեղած էին։ Իրենք ալ թերթ մը կը հրատարակէին եւ իբրեւ մօտ դրացի` ամէն ատեն մեր տունն էին եւ հիացում ունէին Ամերիկայէն գացող կամաւորներուն վրայ։ ...Քիպերտի լայնածաւալ աշխարհացոյց մը կախուած էր մեր տան հիւրասենեակի պատէն։ Ամէնը մէկ գլուխ գլխի տուած` բոլորակ մը կազմելով` Զէյթունը փնտռել, տեղաւորել կ’աշխատէին, բայց անհնար եղած էր գտնել։ Ես վերի յարկը իմ սենեակս առանձնացած էի, երբ Նազարբէկի տղուն` խելօքիկ եւ ուշիմ Վարդի զիլ ձայնը կրկին ու կրկին ականջիս հասաւ. «Սուրէ՛ն վար եկուր, հայրիկս ուզում է գիտնալ, թէ Զէյթունն ո՞ւր է գտնւում»։ Ես անմիջապէս վար փութացի եւ քարացած մնացի, տեսնելով որ Զէյթունն ապստամբեցնող Կեդրոնը` անճարակ կերպով քարտէսը կը հետազօտէր` գտնելու համար Զէյթունը, որ չկար, անհետացած էր...8։ Ինչքան մեծ բարիք մը պիտի ըլլար հայուն համար, կ’աւելցնէ վերջապէս Շահան Շահնուր, ակնարկելով Սուրէն Սուրէնեանի վերոյիշեալ սրտցաւ խոստովանութեանց, եթէ այս տեսակ վաւերաթուղթեր, ժամանակին վարկաբեկած ըլլային, ի՜նչ կ’ըսեմ, ամբողջութեամբ չէզոքացուցած ըլլային այն ռուսահայ շէֆերը որոնք միշտ դուրսէն վարեցին ազատագրական պայքարը, եւ միշտ առանց ճանչնալու Զէյթունները։ Այս ազգայնական գրիչները չէին գիտեր թէ փրօփականտի գրականութիւնն ալ պէտք է շատ նուրբ ըլլայ, մանաւանդ երբ կը գործէ դատի մը համար որ չափազանց խրթին է, բարդ է, որպիսին է հայկական դատը։ Թէ փրօփականտի գրականութիւնն ալ թոյն մըն է որ հիւանդը կը բժշկէ կամ կը սպաննէ, նայած թէ ի՞նչ չափով, ե՞րբ, եւ որո՞ւ կը տրուի 9։ Քաղաքական ու դիւանագիտական տեսակէտով ալ, կը գրէ միւս կողմէն Ա. Նազար, Հնչակեան Կեդրոնը չկրցաւ օգտագործել, կամ ոեւէ օժանդակութիւն հասցնել Զէյթունի։ Այսօր աչքիս տակ կը գտնուին Հնչակի ա՛յն թիւերը, որոնք հրատարակուած են Զէյթունի ապստամբութեան ամիսներուն, եւ պարզապէս կը զարհուրիմ, տեսնելով որ ինչքա՜ն թոյլ ու թերի են այդ թերթը խմբագրողներուն ըմբռնումները` Կիլիկեան ազատագրական
140
շարժման խորութեան ու տարողութեան մասին։ Եւ սակայն, Աւետիս Նազարբէկ, այդ օրերուն, իրեն ծանօթ շրջանակներու մէջ, Զէյթունի ապստամբութիւնը կը ներկայացնէր իբրեւ... ընկերվարական շարժում եւ անգլիացի ընկերվարական մըն ալ իրեն հիացում կը յայտնէր թէ` մինչ Եւրոպայի մէջ գործաւոր դասակարգը կը համակերպէր վիճակին, անդի՛ն, Փոքր Ասիոյ լեռներուն վրայ հայեր կը կռուէին` աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար...10։ Յաղթանակէն ետք` աւար Զօրանոցին պարպուելէն վերջ, խմբապետներէն քսանի չափ անձինք ներս կը մտնեն, ու դուռը ամրապէս փակելով, կը խնդրեն Բարթողիմէոս Վրդ.էն հսկել ու չթոյլատրել խուժանին ներս մուտքը։ Զօրանոցին ներքնակողմը, ակնկալուածէն շատ աւելի բան կը գտնուի։ Սենեակները ամբողջ ճոխօրէն կահաւորուած կարասիներով, թանկարժէք գորգեր, Լահօրի շալեր, արծաթեայ եւ յախճապակեայ սպասներ, կանանց եւ արանց թանկարժէք զգեստներ, եւն։ Ի տես այս շլացուցիչ ամբարուած հարստութեան, յեղափոխականք զարմանօք եւ տխրութեամբ կը հետեւցնեն թէ ի՞նչ կ’ըլլային եւ ո՞ւր կ’երթային խեղճ հայ գիւղացիներուն արդար քրտինքով վաստկուած եւ անոնցմէ անիրաւաբար խլուած դրամները, երբ այդ շէնքին մէջ բնակելու սահմանուած զինուորները իրենց ստացած ամսական երեք հարիւր թրքական դահեկան չնչին վճարումով, անկարելի էր որ կարենային այդքան հարստութեան տիրանալ քանի մը տարուան մէջ...։ Այս հաճոյքի եւ պերճանքի առարկաներէն զատ, Զօրանոցին մէջ կը գտնուին մեծաքանակ զէնք ու ռազմամթերք եւ առատ պարէն հետեւեալ քանակութեամբ. 2 Քրուբի թնդանօթ. 170 ռումբ գաւիթին մէջտեղը բլուրի մը պէս բարձրացած. 700 Հենրի Մարթինի հրացան. 600 կարճ ու երկար սուիններ. 20,000 փամփուշտ, իրենց փամփշտակալներով. 2 խոշոր տակառ վառօդ. 1 ամբար աղ. 2ական ամբար լեցուն գարի, բրինձ եւ լուբիա. 40,000 քիլօ ալիւր. 30 տակառ ձէթ. 30 վառարան. մեծ քանակութեամբ յարդ. 300 ձեռք համազգեստ. 2000 զոյգ գուլպայ. 15 թնդանօթակիր ջորի. 20 ձի. դեղարան մը` դեղերով եւ վիրաբուժական կազմածքներով։ Առաջին կարգադրութիւնը կ’ըլլայ աւարի բաշխումը, զոր եօթը բաժին կ’ըլլայ. չորսը` Զէյթունի թաղեցիներուն եւ երեքը` շրջակայ գիւղացիներուն բաժնուելու համար։ Մնացեալ աւարին կարգադրութիւնը, թէեւ հետեւեալ օրուան կը ձգուի, սակայն ժողովրդական խանդավառութեան հետեւանքով Զօրանոցի հսկողութիւնը անկարելի ըլլալուն, ամէն ինչ կը յափշտակուի զէյթունցիներէն։ Այսպէս, երկու ժամուան մէջ Զօրանոցի աւարը զէյթունցիներուն ցրուելէ յետոյ, Զօրանոցը կը մնայ «Աւօ» զօրագնդի, Մէրկէնեան հաճիի, եւ Զէյթունի չորս թաղերէն սահմանուած քաջ զինուորներու հսկողութեան ներքեւ։ Բերդուս չայի կռիւէն ի վեր, երբ Զէյթուն պաշարման վիճակի կ’ենթարկուի,
141
քաղաքին աղն ու օճառը եւ այլ կենսական պէտքեր որոնք Մարաշէն կուգային, անհնար կ’ըլլայ անոնց հայթայթումը։ Իրաւ է թէ այդ ժամանակ աշնան սկիզբի օրերն էին եւ արմտիքի տարեկան պէտքը մեծագոյն մասամբ հոգացուած էր, այսուհանդերձ, Զօրանոցի գրաւմամբ, զէյթունցիներուն ձեռք անցած անհամեմատ ճոխ աւարը, կուգար ճիշդ ատենին խանդավառել եւ դիմադրութեան յոյս ներշնչել արի լեռնականներուն։ Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 1895, փառքի օր մը կ’ըլլայ բովանդակ Զէյթունի համար եւ պատմական թուական մը սերունդէ սերունդ յիշատակուելու եւ տօնուելու։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Վերջէն սակայն, բարեկարգութեան ծրագիրը, ջարդերու կը փոխուի` գերմանական եւ ռուսական դրդումներու ներքեւ։ 2. Գարանլըգ-Տէրէ (Մթնաձոր), այս վայրը Զէյթունէն 6 ժամ հեռու` արեւմտեան հարաւային կողմն է, Արեգինի Մավէնք գիւղի եւ Թէքիր գետակի միջեւ, Կիւրէտին գետի եզերքը։ 3. «Աւօ» զօրագունդը բաղկացած էր Այնթապի, Մարաշի, Հաճընի, Զէյթունի եւ Խարբերդի ասպատակային ընտիր մարտիկներէն։ Զօրագունդին անունը կրճատուած ձեւն էր` Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիրներէն` Աւետիս Նազարբէկի անուան։ 4. Պայքար, 10.11.1935, թիւ 264։ 5. Ճիհան գետին մէջ կը թափի Բերդուս չայ կոչուած գետը, որ իր անունը առած է ակունքին մօտ գտնուող համանուն քաղաքէն։ Բերդուս նշանաւոր եղած է Ռուբինեանց հարստութեան ատեն իբրեւ իշխանանիստ քաղաք։ 6. Չագըր-Տէրէ ձորամէջ մըն է, մի քանի արտավար հարթագետինով, որուն շուրջ բարձրացած են սեպաձեւ անտառապատ բլուրներ։ Այս այն նշանաւոր եւ պատմական վայրն է ուր 1862ին տեղի ունեցած է Զէյթունի ժողովրդային մեծ ճակատամարդը` 40,000 չէրքէզներու դէմ, եւ ուր հերոսաբար ինկած են, 72 զէյթունցիներ։ 7. Իբրեւ վերին հրամանատար ձեռնարկուած զինուորական գործողութիւններուն եւ ընդհանուր ներկայացուցիչ Հնչակեան Կուսակցութեան, Աղասի մասնաւորաբար գիշերցորեկ կը զբաղուէր թղթակցութեամբ, նամակներ գրելով, ու օրը օրին Զէյթունի ապստամբութեան իր տեղեկութիւնները տալով Հնչակին` Տօրոնցի ծածկանունով։ Արդարեւ, Աղասի, ո՛չ միայն եղած է ծրագրողը, կազմակերպողը եւ առաջնորդողը` Զէյթունի 1895ի ապստամբութեան, այլ եւ գլխաւոր եւ վաւերական պատմագիրը` իր կարողութեան ու կարելիութեան սահմանին մէջ թողած այդ արձանագրութեանց շնորհիւ։ Աղասիին գրական աշխատութեանց կ’աջակցէր Հրաչեան։ Թղթակցութիւնները կը յանձնուէին` Զէյթուն գտնուող քանի մը այնթապցի անձնուէր երիտասարդներու որոնք իբր կամաւոր Աղասիին հետ Այնթապէն հոն գացած էին, ասոնք կը հասցնէին նամակները Մարաշի ու Այնթապի Հնչակեաններուն. բայց գրատար այդ կտրիճ սուրհանդակ աղաւնիները շատ անգամ չէին կրնար վերադառնալ Զէյթուն։ Յուշիկք Զէյթունի, էջ 166։
142
8. «Մեր երէկը» յուշեր, Սուրէն Սուրէնեան, Պայքար, 1936։ 9. Շահան Շահնուր, «Վաւերաթուղթը», Ապագայ, Հոկտեմբեր 1938։ 10. Պայքար, 10.11.1935, թիւ 264։
143
ԳԼՈՒԽ Զ. ԻՆՔՆԱՎԱՐ ԶԷՅԹՈՒՆ (Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1895) Կեցցէ՜ Զէյթուն, ապրի՛ Զէյթուն, Թող չտեսնէ ստրկութիւն, քանի ունի մեզ պէս որդիք, Կեցցէ՜ Զէյթուն, ապրի՛ Զէյթուն։ Յ. ՉԱգՐԵԱՆ
Զ
Սրբազան արարողութիւնը օրանոցի գրաւման օրն իսկ, երեկոյեան, Զէյթունի երեւելիներն ու իշխանները, կրօնականներով միասին, Զօրանոցին մէջ ժողով մը գումարելով, կը շնորհաւորեն ինքնապաշտպանութեան ուխտեալ յեղափոխական չորս գործիչները։ Խռնուած ժողովուրդը բերկրանօք կ’ունկնդրէ արտասանուած ճառերը, որոնց մէջ կը շեշտուէր թէ Զէյթուն` ազատուած թուրք իշխանութեան լուծէն, յետայնու պիտի կառավարուէր հայերու կողմէ, թէ պէտք էր ունենար օրինական կարգապահութիւն եւ հպատակէր ըլլալիք ամէն տնօրինութեան եւն։ Գիշերը, յեղափոխական առաջնորդները ուխտի կ’երթան Ս. Աստուածածնայ վանքը, ուր կը դիմաւորուին եկեղեցականներէն, որոնք խաչերով եւ աւետարաններով կ’առաջնորդեն զանոնք Վանքի եկեղեցին։ Բուրվառներէն բարձրացող խնկաբոյր հոտը շրջապատը կը լեցնէ։ Ամէն ոք ազատութեան ոգիէն ներշնչուած կը խայտայ. այդ գիշեր ցնծութեան տօն մըն է։ Լուսին չկայ, բայց ազատութեան լուսերանգը կը տիրապետէ սուրբ տաճարին մէջ, ուր հաւաքուած ջերմեռանդ ժողովուրդը, անխառն հաճոյքով կը դիտէ` թուրք սպաներէ առնուած շողշողուն սուրերուն խորանին վրայ դրուիլը, որոնց տիրացեր էին յեղափոխական պետերը։ Ալեզարդ հարիւրամեայ Սահակ վարդապետ, Սիմէոն ծերունիին պէս, Աստուծոյ փառք տալով, գրկաբաց կ’ողջունէ ու կ’օրհնէ Աղասին, Ապահը, Հրաչեան եւ Մլեհը, կը համբուրէ ու կ’օծէ անոնց սուրերը, ու զիրենք հրամանատարներ կը
144
հռչակէ զէյթունցիներուն։ Արարողութիւնը կը լրանայ, եւ ժողովրդեան ծովածաւալ թափօրը զգլխիչ արարողութեան տակ, եկեղեցիէն դուրս գալով, կը ցրուի, ազգային եւ ռազմական երգերով1։ Հետեւեալ օրը, Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբեր, ժողովրդեան հոծ բազմութիւն մը, պաշտօնապէս զգեստաւորուած եկեղեցականներէ առաջնորդուած, կը դիմէ Զօրանոց։ Այս քաջ լեռնականները այս անգամ հայացած Զօրանոցին օրհնուիլը կը պահանջեն։ Եկեղեցեկան դասը իր կարգին, ընդ առաջ երթալով իր հօտին բուռն փափաքին, կ’օրհնէ Զօրանոցին բոլոր մասերը, օրհնելով նոյնպէս հայկական եռագոյն դրօշը, կը պարզէ զայն` Զօրանոցին գագաթը հաստատուած երկայն կայմին վրայ, որուն կատարը արծաթապատ խաչ մը զետեղուած էր, սրբութիւն ծաւալելով չորս դին...։ Զէյթունի ազատութեան արե՛ւն էր որ կը ծագէր այդ օր։ Յիշողութիւններու մէջ կ’արթննան հին օրերու դէպքերը, երբ 1879ին Կիլիկիոյ լուսահոգի Տ. Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոս այս նոյն Զօրանոցին առաջին անկիւնները կը զետեղէր իր ձեռքովը2։ Ընդհանուր խորհրդաւոր լռութիւն մը կը տիրէ, եւ ո՛չ ոք կը կամենայ խզել, խանգարել հո՛տ տիրող անբարբառ հանդիսութիւնները։ Տեսնել պէտք էր, կ’ըսէ Ապահ իր յուշերուն մէջ, թէ ի՜նչ երկիւղած հայեացքով մը, ամէն սեռէ հոն խռնուած ժողովուրդը կը հետեւէր դրօշին, որ կը փողփողէր Զօրանոցին վրայ։ Երիտասարդներուն լանջքերը կ’ուռէին, պատանիներուն սրտերը կը խայտային, ծերունիները իրենց ուրախութենէն կու լային, եւ ամօթխած կոյսերն ու հարսները` իրենց հիացիկ աչքերը յառած կը պահէին դրօշին։
Առժամեայ կառավարութիւն Գրաւուած Զօրանոցի հայկական ծէսով օծման օրն իսկ, նորանոր ձեռնարկներու եւ գործողութեանց կանոնաւոր ուղղութիւն մը տալու համար, կ’որոշուի անմիջապէս կազմել յեղափոխական կառավարութիւն մը, որուն համար բոլոր իշխանները խորհրդակցութեան կը հրաւիրուին, եւ անոնց հետ համախորհուրդ, կը կազմուին հետեւեալ մարմինները. Ա. Գերագոյն Ընդհանուր Ժողով մը` 40 ծերակուտականէ բաղկացած. Բ. Քաղաքական Գործադիր Ժողով մը` իշխանական ծագում ունեցող 16 անձերէ բաղկացած (4-ական հոգի Զէյթունի 4 թաղերէն). Գ. Պատերազմական Խորհուրդ մը` ապստամբապետներով ամբողջացած։ Առաջինին պաշտօնը կ’ըլլայ, նիստ գումարել միայն ծանրակշիռ պարագաներու տակ։ Երկրորդին պարտականութիւնը կ’ըլլայ ամէն օր ժողով գումարել եւ զբաղիլ օրուան հարցերով։ Իսկ Պատերազմական Խորհուրդին կը մնար աչալուրջ
145
հեռատեսութեամբ կռուող ուժերը զօրացնելով` յարձակողականի եւ պաշտպանողականի համար ծրագիր պատրաստել ու երկիրը ապահովութեան մէջ առնել։ Այդ օրերուն համար դիւրին գործ մը չէր ատիկա։ Մէկ-երկու միջոցներ կը խորհուին ու կը փորձուին, բայց ի դերեւ կ’ելլեն։ Ի վերջոյ կը ճարուի հայ երիտասարդ մը, որ զարմանալի ինքնավստահութեամբ մը յանձն կ’առնէ այդ վտանգաւոր թուղթերը ապահով հասցնել Իսկէնտէրուն։ Անգործնական ու աւելորդ կը տեսնուի Ասատուրեանի առաքումը Զէյթուն, ո՛չ իսկ յանձն կ’առնէ այդպիսի արկածալից ճամբորդութեան մը, եւ ո՛չ ալ ճամբայ կար։ Իսկ երկրորդ առաջարկին համար, սուրհանդակ Մանուկ Պիլէմճէեան, ֆընտըճգցի իր երկու ընկերներով կը յաջողի ռազմական նիւթերը փոխադրել Զէյթուն։
Ռազմական դիրքերու ամրացում Յեղափոխական կառավարութեան առաջին գործը կ’ըլլայ տենդագին աշխատանք թափել Զէյթունի ամրութիւնները զօրացնելով։ Մօտալուտ անխուսափելի պատերազմին համար, նախզգուշական միջոցներ ձեռք կ’առնուին քաղաքին գլխաւոր ամրութեան` Զօրանոցին մէջն ու շուրջը։ Զէյթունի Զօրանոցը ունէր երկու խոշոր դռներ. մին` արեւմտեան (Զէյթունի դուռ), իսկ միւսը հարաւային (Մարաշի դուռ)։ Ռազմական կանխամտածութեամբ մը, Զօրանոցի գրաւման երրորդ օրն իսկ, «Մարաշի դուռ»ը գոցել կը տրուի, եւ ամրոցի հիւսիսային պատի խորութեանը տակ, Ս. Աստուածածնի վանքին դիմաց, փոքրիկ ծակ մը կը բացուի, առջեւը փորելով մեծ ու գաղտնի խրամատ մը, որ կ’առաջնորդէր մինչեւ Զէյթունի ձորը, ուրտեղէն Զօրանոցը թշնամիէն պաշարուած միջոցին, կարելի պիտի ըլլար թաքուն կերպով, յարաբերութեան մտնել` քաղաքին եւ Ս. Աստուածածնի վանքին հետ, եւ ուրեմն, պիտի ծառայէր իբր ազատութեան ելք։ Այդ իմաստով, բացուածքը կը կոչուի «Ազատութեան դուռ», որ եկեղեցական ծէսով մըն ալ կ’օրհնուի, կտրիճ եկեղեցականի մը` Տ. Գէորգ քհնյ. Տ. Դաւիթեանի կողմէ։ Այս դրան մատուցած օգուտը պիտի տեսնուի քիչ մը անդին։ Այն գաղթականները որոնք տեղաւորուած էին Զօրանոցի շրջակայ` երբեմնի թուրք զինուորներու ընտանեաց բնակարաններուն մէջ, Զէյթուն տեղափոխուելով, քանդել կը տրուի նաեւ այդ բնակարաններուն մեծ մասը, հարթելով գետինը տափակ դաշտի մը նման, ինչպէս որ կտրել կը տրուի այդ կողմի պարտէզներու բոլոր բարտի եւ այլ տեսակ բարձր ծառերը, որոնք յարձակման պարագային արգելք կրնային ըլլալ եկող թշնամին նշամարելու։ Կանգուն կը թողուն միայն մզկիթը եւ մի քանի տուներ, ուր շինել կը տրուին զօրաւոր մարտկոցներ։ Հսկայ Զօրանոցը, որ կարող էր պարունակել մինչեւ 5000 զինուոր, Զէյթունի ուղղութեամբ, հիւսիսային պատի վրայ միայն ունէր 125 հրացանի ծակեր, իսկ դուռ բնաւ չունէր. հայկական տեսակէտով, ռազմական մեծ
146
թերութիւն մը ըլլալուն, զէյթունցի հարիւրաւոր ժողովուրդ եւ վարպետներ կը կանչուին, եւ հարաւային, արեւելեան ու արեւմտեան պատերուն վրայ, հրացանի հարիւրաւոր ուրիշ նոր ծակեր կը բացուին։
Արշաւագունդերու կազմութիւն Կառավարական կազմը ամբողջանալէ վերջ, գործերը որոշ ուղղութեամբ առաջ կը տարուին։ Զինուորական իշխանութիւնը տէր դառնալով Զէյթունի ու ձեռք ինկած ահագին աւարին, կը սկսի անմիջապէս զէնքերը բաժնել ու զինել բոլոր երիտասարդները, որուն շնորհիւ կը կազմուի 1500 հոգիէ բաղկացած զինուորական պատկառելի ուժ մը։ Զէյթունի ոստիկանական հայ ջոկատէն զատ, ապստամբութեան առաջին օրերուն, Զէյթունի ինքնավար գաւառակի սահմանագլուխներուն վրայ, արեգինցիներէ բաղկացեալ մասնաւոր հայ պահնորդներ կը նշանակուին։ Սահմանապահ զինուորներու առընթեր, կային որսորդական 4 հեծեալ վաշտեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը 20էն մինչեւ 100 ձիաւորներէ կը բաղկանար։ Ա. վաշտը կը հսկէր` վարդապետի կամուրջէն մինչեւ Պէշէն ու մինչեւ Արեգինի ծայրամասերը` Ճահանի եզերքն ի վեր։ Բ. վաշտը պիտի շրջէր Զէյթունի հիւսիսակողմը, Ալպիսթանի կիրճերուն մէջ, մինչեւ 4 ժամուայ հեռաւորութեան վրայ։ Իսկ Գ. եւ Դ. վաշտերը յատկացուած էին Ֆռնուզի, որոնցմէ մին պիտի ուղղուէր Սիսնէի կողմերը, իսկ միւսը Նետիրլիի եւ Մարաշի Քարէ կամուրջի կողմերը։ Վերոյիշեալ 4 վաշտերը կը բաղկանային` Զէյթունի 4 թաղերէն ընտրուած մարտիկներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւր խումբ, որոշեալ օրերուն պիտի երթար ցոյց տրուած ուղղութեամբ։ Ամէն օր, ուրախութեամբ ու քաջութեամբ կը հսկէին զէյթունցիք` իրենց Ազատ հողերը։ Այդ որսորդական խումբերը շատ կարեւոր դերեր կը կատարեն` սահմաններ պահպանելու, գիւղացիները խրախուսելու, լրտեսները ձերբակալելու, թշնամին ահաբեկելու եւ արթնութիւն ցոյց տալու մասին։ Պատերազմական Խորհուրդին առաջին ձեռնարկներէն մէկը կ’ըլլայ` ազատագրել Զէյթունի շրջակայ մինչեւ երեք օրուայ հեռաւորութեամբ բոլոր հայ գիւղերն ու համայնքները, որոնք վտանգի սպառնալիքին ենթակայ էին։ Քաղաքապահ, սահմանապահ ու որսորդական գունդերէն զատ, կը կազմուին նաեւ զանազան արշաւախումբեր, որոնք կը դրուին յայտնի խմբապետներու հրամանատարութեան ներքեւ, ու կը ղրկուին Ֆռնուզ, Կապան, Կոկիսոն, Պունտուգ, Անտրուն, մինչեւ Գարս-Պազար։ Զինաթափուած թուրք սպաները, թուրք պաշտօնէութիւնը եւ անոնց ընտանիքները կ’արտօնուին` Զէյթունի հայկական կառավարութեան իշխանութեան տակ գտնուող սահմաններէն դուրս ելլել, հայերէն լեզուով գրուած մասնաւոր անցագրերով, որոնց տակ Աղասի, իբր Հայկական Արդարութեան Բանակի
147
Ընդհանուր Հրամանատար ստորագրած կ’ըլլար. այդ անցագրերը, սահմանապահ հայ զինուորներուն ցոյց տալէ վերջ միա՛յն անոնք կրնային անցնիլ սահմանագլուխը։ Զէյթունի մէջ կազմուած հայկական յեղափոխական կառավարութեան իրենց հպատակութիւնը եւ հարկատուութիւնը յայտնած էին` շրջակայ 5-6 թրքական գիւղեր, որոնց բնակիչները իբրեւ եղբայր կ’ապրէին հայոց հետ, վայելելով հաւասար իրաւունքներ։ Ամէն կողմ հիմնուած էին հայկական կառավարութիւն, յեղափոխական դատարաններ, գիշերային եւ ցերեկեայ ոստիկանութիւն, որսորդական խումբեր` լեռներու եւ կարեւոր անցքերու վրայ հսկելու համար, անոնց ամէնքն ալ ժողովուրդի ազատ քուէով ընտրուած, Հնչակեան գործիչներու առաջնորդութեամբ ու ղեկավարութեամբ։ Զէյթուն, իր շրջակայ 92 գիւղերով, հայկական ինքնավար գաւառակի մը կը վերածուէր, ուր տրուած ամէն վճիռ կը գործադրուէր կատարեալ կարգապահութեամբ ու ճշդապահութեամբ։ Ուլնիոյ հայ ժողովուրդը երջանիկ էր. ծերերն ու պառաւները աղօթելով փառք կու տային, որովհետեւ այլեւս չկային հայհոյող զօրքերն ու ոստիկանները, չկային այլեւս բռնաբարող հարկահաններն ու կեղեքող վաշխառուները։ Ամէն բերք հասարակաց էր, եւ այն ինչ որ կը պակսէր իրենցմէ, չէր զգացներ դառնութիւն, քանի որ ազատ էին եւ Զօրանոցի վրայ կը ծածանէր անկախութեան դրօշակը, ու ամէնուն սիրտը կը թրթռար երբ կը կարդային անոր վրայ. - «Ազատ ապրիլ կամ մեռնիլ», - «Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը», - «Կեցցէ՛ Զէյթուն» - երջանկաւէտ խօսքերը...։ Զէյթունի Զօրանոցին գրաւումով, զէյթունցիք ո՛չ միայն տիրացան մեծ քանակութեամբ ռամամթերքի, հապա այդ յաղթանակը կու գար` հինգ հարիւր տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդին գերութեան շրջանին մէջ կատարուած ապստամբական զանազան փորձերուն փառապսա՛կը կազմել, ըլլալով ամէնէ՛ն յաջող ու կազմակերպուած ապստամբութիւնը։ Զէյթունի լեռներուն վրայ, դարեր վերջ, անգա՛մ մըն ալ վերապրեցնելով, Ռուբինեանց հայկական անկախութեան փառքի օրերը...։
Չուգուր Հիսարի կռիւը Յեղափոխականք, Զէյթունի մէջ կացութեան տէր ըլլալէ ետք, կը սկսին շրջակայ թուրք գիւղերը զինաթափ ընել։ Հոկտեմբեր 31ին, նախ կ’արշաւեն Չուգուր Հիսար, զի հո՛ն համախմբուած էին` Կոկիսոնի եւ Տէյիրմէն-Տէրէի թուրքերը եւ կը սպառնային Կանչի հայաբնակ գիւղին վրայ յարձակիլ։ Չուգուր Հիսար կ’ընդդիմանայ, քանի որ Կոկիսոնի եւ Անտրունի գաւառակներուն եւ թուրք ու չէրքէզ գիւղերու հետ սերտ յարաբերութեան մէջ էր, մանաւանդ որ իրենց զէնքերը այդ անգամ կը պահանջէին ոխերիմ ֆռնուզցիներ` իրենց փոխ-գիւղապետ (միւտիր) Գէորգ Պըլտըրեանի գլխաւորութեամբ։ Կռիւը կը սկսի բուռն կերպով։
148
Թուրքեր 30 զոհեր տալէ վերջ, փախուստի կը մատնուին, եւ իրենցմէ 77 երեւելիներ գերեվարուելով Զէյթուն կը տարուին, սակայն ճամբան, իրենց լեզուագարութեանց պատճառով, եւ ա՛յն պահուն երբ կ’անցնէին Կանչի բերդին մօտէն, ա՛յն պատմական բերդին, ուր հինգ դարեր առաջ, միեւնոյն վայրին մէջ, թիւրքմէններ գլխատած էին Լեւոն Զ.ի գերեվարուած զինուորները, փոխարինելու համար եղածը, հայերն ալ իրենց ներկայացած այդ առիթէն օգտուելով, անխնայ կը ջարդեն բոլոր թուրք գերիները։
Շիվիլկեցիք եւ Եայիճ Օղլու Եայիճ Օղլու Զիւլֆահար Զատէ թիւրքմէն ցեղապետը, որ Հոկտեմբեր 22էն ի վեր 1500 պաշի-պօզուքներով պաշարած էր Շիվիլկի հայաբնակ գիւղը, իմանալով Զէյթունի Զօրանոցին գրաւումը եւ Չուգուր Հիսարի սարսափը, Նոյեմբեր 5ին կ’ուզէ, հոն գտնուող զէնքերը ժողվելէ վերջ, բնաջնջել անոր բնակիչները, որ իրենց քաջագործութեամբ արգելք մըն էին` մոլեռանդ ցեղապետին դաժան ծրագիրներուն։ Հայերը կ’ընդդիմանան, ու կռիւը կը սկսի, որ կը տեւէ երեք օր։ 72 Շիվիլկեցի քաջեր, գիւղի պաշարման օրէն մինչեւ 8 Նոյեմբեր, ամբողջ 16 օրեր արիաբար կը դիմադրեն թուրք խուժանին։ Շիվիլկեցւոյ կրած յարձակման լուրը կը հասնի Ֆռնուզ եւ Զէյթուն։ Հրաչեայի 72 հոգինոց խումբը որ Նոյեմբեր 15ին Զէյթունէն ճամբայ ելլելով գացած էր Կապան, եւ առանց արիւն թափելու զինաթափ ըրած էր թուրք գիւղը որը նոյնիսկ ստորագրութեամբ հպատակութիւն յայտնած էր յեղափոխականներուն, Ֆռնուզի վրայով կ’ուղղուի Շիվիլկի, Բարթողիմէոս վրդ.ի եւ Տավուտենքի հարիւրեակ մը լեռնականներու ընկերակցութեամբ։ Հո՛ն, օգնութեան հասնող խումբերը ուրախութեամբ կը տեղեկանան թուրքերուն պարտութիւնն ու փախուստը։ Շիվիլկեցիք անոնց ցոյց կու տան սպաննուածներուն ականջները, զոր կտրելով թաշկինակի մէջ լեցուցեր էին։ Ֆռնուզցիք ի վերջոյ, իրենց հսկողութեան տակ Պունտուգ փոխադրելով շիվիլկեցի գիւղացիները, աւարի կու տան նաեւ Սիսնէի մէջ կառավարութեան պատկանող մեծաքանակ արմտիքը։
Անտրունի գրաւումը Շիվիլկիի մէջ կրած պարտութենէն յետոյ, Եայիճ Օղլու կը փախչի Անտրուն, ուր համախորհուրդ տեղւոյն թուրք կառավարիչին, կը բանտարկէ` 400 հայեր, ամբողջ 11 օր անօթի ու ծարաւ ձգելով զանոնք։ Այս եղելութեան վրայ, Հրաչեայի հետ Զէյթունէն Կապանի վրայով Ֆռնուզ կ’ուղարկուին 40ի չափ կտրիճներ, անոնց գլուխը անցնելով Ֆռնուզի փոխ-վանահայր Բարթողիմէոս վրդ. Թագաճեան, որ իսկոյն ձին կը ցատկէ, գոչելով. «Անոնք որ Քրիստոս կը սիրեն, թո՛ղ հետեւին ինծի»։ Այս կոչին կը պատասխանեն 350 անձնուէրներ, ու անոնք 400 հոգիով ճանապարհ կ’իյնան դէպի Անտրուն։
149
Թրքերն ալ իրենց կողմէ, իմանալով հայոց գալուստը, 3000 զինուորներով (որոնց մէջ էին Անտրունի կառավարիչ եւ դատաւոր Տուրտու պէք Ապազա Զատէ, Մուրթազա աղա, Սիւլլիւ աղա, Եուսուֆ Չավուշ, Եայիճ Օղլու եւ Հաճի էֆէնտիի) բանակ մը կը կազմեն։ Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերին կռիւը կը սկսի։ Հայեր երեք թեւի բաժնուած կը յառաջանան` Ազզըտի (Շողական) հնամեայ բերդին շուրջը (Սինաֆէշ Եուքլու հայաբնակ գիւղին մօտ), ուր դիրք բռնած էր թշնամին։ Երկու ժամ յետոյ զայն կը պաշարեն, եւ թուրքեր լեղապատառ փախուստ կու տան մինչեւ Գարա-Զիւլքատրիէ։ Հայեր, զանոնք կը հետապնդեն, կը ջարդեն անոնցմէ հարիւրաւորներ, որոնց մէջ նաեւ վերոյիշեալ տաճիկներէն առաջին չորսը։ Եայիճ Օղլու գազանը կը վրիպի իրենց ձեռքէն։ Թշնամիին խուճապէն յետոյ, արի վարդապետին առաջին գործը կ’ըլլայ, փութալ Անտրունի կառավարչատուն բանտը, ու ազատել` հոն արգելափակուածները։ Այդ խեղճերը, յուսալքուած վիճակի մէջ, կը սպասէին ոչխարներու նման մի առ մի մորթուելու։ Բարթողիմէոս վրդ.ի յաղթական մուտքը այդ մութ ու խոնաւ զնտանին մէջ, երկնային ազատարար հրեշտակի մը նման կը ճառագայթեցնէ բոլորին մռայլ դէմքերը, որոնք ընդհուպ իր ոտքը իյնալով, արտասուախառն կը համբուրեն իր ձեռքերը։ Քանի մը վայրկեանի մէջ, զէյթունցիք դուրս կը հանեն բանտարկեալները, կ’առաջնորդեն զիրենք քաղաքին փուռը, ու անոնց կը բաշխեն ա՛յն հացերը որոնք տաճիկ զինուորներուն համար պատրաստուած էին։ Հայ ապստամբները այնուհետեւ կը թալլեն տաճիկներուն բնակարանները, քաղաքին շուկան ու կառավարչատունը, եւ կրակի կու տան զանոնք։ Երեկոյեան, բեռնաւորուած մեծ աւարով, ու հետերնին առած` Անտրունի ազատագրուած 400 հայ բանտարկեալները, յաղթական կը վերադառնան Ֆռնուզ եւ Կապան։
Եէնիճէ-Գալէի կռիւը եւ Հ. Սալվաթօրի սպանութիւնը Եէնիճէ-Գալէի նահիէին մէջ, Ֆրանչիսկեան լատին կրօնաւորներու Միաբանութիւնը, 1895ին ունէր երեք վանքեր։ Ա.ը` Մուճիք-Տէրէ, Բ.ը` Տէօնկէլէ (Տունգալա), եւ Գ.ը` Եէնիճէ-Գալէ (Պէօյիւք Քէօյ), որոնց մեծաւորներն էին` իտալացի Հ. Սալվաթօր Լիլի3, Հ. Էմմանուէլ Թրիկօ, եւ Հ. Էմմանուէլ Կարչիա։ Հոկտեմբեր 25ի Մարաշի խուճապէն վերջ, Հ. Էմմանուէլ Կարչիա (ԵէնիճէԳալէի մեծաւորը), գուշակելով մօտալուտ դէպքերը, կը դիմէ Մարաշի թուրք կառավարիչ` Ապտիւլ Վեհապ բաշային` զիրենք հոն փոխադրելու համար։ Ի պատասխան այդ դիմումին, թուրքեր պատեհ առիթ կը նկատեն` զանոնք Մարաշ փոխադրելու պատրուակին տակ, մէջտեղէն վերցնել այս օտարահպատակ կրօնաւորները, որ ո՛չ միայն 15 տարիներէ ի վեր իրենց բացած կրօնական կրթարաններով ու բարենպատակ հաստատութիւններով հայոց զարգացման ու
150
փրկութեան ապաստանարաններ էին, այլեւ կրնային ապագային, քաղաքակիրթ Եւրոպայի առջեւ ականատեսի վկայութիւններ տալ` հայոց վրայ թուրքերու կատարած վայրագութեանց մասին։ Հետեւաբար Մարաշէն եկած հրահանգը կ’ըլլայ զանոնք նախ մահացնել, եղածը հայոց վերագրելով, ու ապա աւարի տալ այդ վանքերուն թանկարժէք առարկաները։ Նոյեմբեր 18ին, Մարաշէն արշաւող Մազհար պէյի երկու վաշտ զինուորները Մուճիք-Տէրէ գալով, կը սպառնան ալեզարդ Հ. Սալվաթօրի։ Վանքէն բռնի դուրս կը հանեն զայն, ու կը գերեվարեն` իր հետ եղող ուրիշ 11 հայ կաթոլիկ որբերուն եւ սպասաւորներուն հետ։ Նոյեմբեր 22ին, Մարաշի ճամբուն վրայ, Գիւրսիւլ գետակին մօտ, Հ. Սալվաթօր եւ իր հետեւորդները, մերժելով իսլամանալու համար իրենց վրայ դրուած բռնի պահանջը, անխնայօրէն կը խողխողուին։ Այս վայրագ յարձակման լուրը կը հասնի Եէնիճէ-Գալէի վանքը (որ ՄուճիքՏէրէէն հազիւ կէս ժամ հեռու էր), ուր կը փութան ապաստանիլ Տէօնկէլէի միաբաններն ալ։ Իսկոյն Հ. Էմմանուէլ Կարչիա, հայ յեղափոխականներուն նամակ կը գրէ Պունտուգ, որուն մէջ պարզելէ յետոյ Մուճիք-Տէրէի դէպքը, իրենց ալ կեանքը վտանգի տակ ըլլալուն, օգնական ուժեր կը խնդրէ։ Հրաչեայի 72 հոգինոց խումբը, որ Նոյեմբեր 15ին Կապանէն մեկնելով գացած էր նախ Շիվիլկի ու ապա գրաւած էր Անտրունը, իր վրայ նոր ուժեր աւելցնելով, 300 հոգիով կը վերադառնար Ֆռնուզ։ Այդ խումբին մէջն էին Բարթողիմէոս վրդ., Գէորգ էֆ. Պըլտըրեան, Փանոս Շամ Քէշիշեան, Փանոս Չօլաքեան եւն։ Ասոնք, իրենց ճամբուն վրայ, Պունտուգի մէջ ստանալով Հ. Էմմանուէլի նամակը, Նոյեմբեր 19ի գիշերը կը փութան Եէնիճէ-Գալէի վանքը, ուր սակայն գիւղին մէջ մարդ մնացած չէր, ու բոլոր հայերը ապաստանած էին մօտակայ ձորին մէջ եւ անխուսափելի էր անոնց ոչխարի նման մորթուիլը, եթէ պատահմամբ Հրաչեայի խումբին կանխած չըլլային` Արեգինի ասպատակային խումբէն Նետիրլիի վրայով եկող 20 զէյթունցիներ, ու չվռնտէին մարդագայլերու վոհմակը։ Հետեւեալ առտուն, հայեր եւ թուրքեր, բլուրին երկու կողմէն կը յարձակին, եւ ութ ժամուայ կատաղի կռիւէ մը ետք` հակառակ թուրքերու նպաստաւոր դիրքին ու թիւին, թշնամին 4 մեռեալ եւ 10 վիրաւոր թողլով կը փախչի։ Եէնի-Գալէի եւ ՄուճիքՏէրէի միջեւ բարձրացող այդ կռուադաշտը, հայեր յետոյ կը մկրտեն Յաղթութեան բլուր անունով։ Հայեր կորուստ չեն ունենար։ Պատերազմի միջոցին կը տեսնուին խումբ մը աւարառուներ որոնք լատին վանքին գոյքերը կը փախցնեն. իսկոյն հայոց կողմէ կը հետապնդուին, անոնցմէ երեքը կը բռնուին, գողօնները ետ կ’առնուին ու վանքին դրան առջեւ կը սպաննուին։ Արշաւախումբի կտրիճները իրենց յաղթական վերադարձի ճամբուն վրայ, ձորին մէջ ապաստանող հայերն ու լատին կրօնաւորները անվնաս կը տանին նախ Ֆռնուզ, Նոյեմբեր 20ին, ուր այս վերջինները կը հիւրասիրուին` փոխ-վանահայր Բարթողիմէոս վրդ.ի կողմէ` Ս. Կարապետի վանքին մէջ։ Այնտեղ մէկ գիշեր հանգստանալէ վերջ,
151
լատին կրօնաւորներն ու իրենց հետեւորդները կ’ապաստանին Զէյթունի հայ կաթողիկէ եկեղեցին։ Զէյթունցիներու Եէնիճէ-Գալէէն մեկնումէն ետքը, խուժանը կ’այրէ տեղւոյն լատին վանքը, հայոց եկեղեցին ու գիւղը4։
Ապահի խումբը եւ Կապանի կռիւները Կէս հայաբնակ եւ կէս թրքաբնակ գիւղ մըն էր Կապան։ Հայերը 300 տուն էին։ Նոյեմբեր 17ին, Ապահ, քանի մը կտրիճներով Զէյթունէն Կապան կը մեկնի, միանալու համար Հրաչեային, որ զինքը կանխած էր։ Ապահ պիտի ձեռնարկէր մեծ բանակի մը կազմութեան` Ատանայի կուսակալութեան գաւառները արշաւելու համար։ Հոն հասնելուն, կը տեղեկանայ թէ հայկական զօրագունդը մեկնած էր Եէնիճէ-Գալէ` ի պատասխան` տեղւոյն հայոց եւ Ֆրանչիսկեան կրօնաւորներուն փրկութեան կոչին։ Ուրեմն ինք կը մնայ հոն, իր փոքրաթիւ խումբով, մինչեւ իր ընկերներուն վերադարձը։ Ապահի ունեցած տկար ուժերու ներկայութենէն օգտուելով, կապանցի թուրքեր, գաղտնաբար կը թելադրեն գնդապետ Ալի պէյին` այդ եւրոպացի հրամանատարներէն միոյն (այսինքն Ապահի) վրայ յարձակիլ։ Նոյեմբեր 18ին, թրքական բանակը մօտ 8000 հոգի կը պաշարէ Կապանի հայաբնակ գիւղը, ուր կը գտնուէր հայոց պատկանող 50,000 պարկէ աւելի արմտիք, 8,000ի մօտ այծեր եւն։ Ալի պէյ, իր զինուորներէն մին ուղարկելով կը սպառնայ Ապահի եւ իր զինակիցներու կեանքին։ Ապահ, պաղարեամբ կը պատասխանէ. «Գնա՛, ըսէ՛ քեզ ուղարկողին, թէ պատրա՛ստ եմ դիմադրելու...»։ Այս պատասխանին վրայ, քսանի չափ չէրքէզ ձիաւորներ կը յառաջանան գիւղին ստորոտը եւ կ’ուզեն քշել հայոց 500 եզները։ Այդ միջոցին, «Աւօ» զօրագնդի տասնապետներէն, ծանօթ կտրիճ, շիվիլկեցի Կարապետ, ուրիշ ձիաւոր ընկերոջ մը հետ կ’իջնէ դաշտ, կը հետապնդէ չէրքէզները, որոնցմէ երկուքը սպանելով կ’ազատէ եզները։ Կապանի հայոց զինուորական ուժը տկար եւ բնակիչներէն մեծ մասն ալ անզէն էին։ Ապահ զանոնք կը բաժնէ քանի մը խումբերու, ու Կապանի բոլոր անցքերուն վրայ պահակներ կը դնէ։ Միւս կողմէ սուրհանդակներ կ’ուղարկէ Ֆռնուզ, Եէնիճէ-Գալէ եւ Զէյթուն, օգնական ուժեր պահանջելով։ Թշնամին կը յառաջանար թրքաբնակ թաղէն, ու երկչոտ կապանցիները զայս տեսնելով, իրենց դիրքերը լքելով գիշերանց կը փախչին, ինչպէս ըրած էին դարեր առաջ, Լեւոն Զ.ի ժամանակ։ Ապահի հետ կը մնան միայն 14 զէյթունցիներ եւ կապանցի Տուտուի հերոսուհի` կատարելապէս զինուած Մարթինի հրացաններով եւ բաւականաչափ ռազմամթերքով։ Նոյեմբեր 19ի արշալոյսին, թշնամին 8000 հոգինոց բանակով բոլոր կողմերէն կը յարձակի Ապահի այս 15 հոգինոց գունդին վրայ։ Ապահ կ’որոշէ դիմադրել մինչեւ վերջ. զի դիրքերը լքելու պարագային, գիւղի մը ամբողջ բնակչութիւնն է որ պիտի ջարդուէր։ Ան կ’ուզէ զբաղեցնել թշնամին, ժամանակ տալու համար որ
152
գիւղացիք կարենան բարձրանալ ու փախչիլ։ Ապահի խումբը ապաստանած էր Կապանի մէկ ձորի մուտքին վերեւը եւ այդ կէտէն կը հարուածէր յառաջանալ յանդգնողները. այս անցքը, մէկ քիլօմէթր երկարութեան վրայ դաշտէն կը բարձրանար դէպի հայ մարտիկներու դիրքերը, եւ որպէսզի թշնամին կրնար հասնիլ անոնց հարկ էր երկ-երկու հոգիով ելլել այդ նեղ ու վտանգալից կիրճէն։ Կռիւը կը տեւէ ամբողջ երկու ժամ։ Թշնամին կու տայ քանի մը տասնեակ զոհեր։ Ալի պէյ ըմբռնելով այդ կիրճէն անցնելու անկարելիութիւնը, յարձակման ուղղութիւնը փոխելով, լերան շրջանը ընել կու տայ իր բանակին ու չորս ժամ վերջ պաշարել կու տայ ռազմիկները իրենց կռնակէն։ Մինչ այդ, գիւղացիք ժամանակ կ’ունենան անհրաժեշտ իրեր եւ արջառներ առած գաղտնի ճանապարհներով ութը ժամ վերջ ինքզինքնին ձգել Ֆռնուզ։ Ու Ապահ, միայն 14 ընկերներով եւ մէկ հայ աղջկան հետ, ամբողջ 4 ժամ անընդհատ կը դիմադրէ Կապանի անցքին վրայ` Ալի պէյի 8000 զէյպէք զինուորներուն, որոնց հետ նաեւ վերջէն օգնութեան փութացին 6000 պաշի պօզուքներ, ընդամէնը 14,000 հոգինոց վիթխարի բանակի մը, մինչեւ որ կ’ազատէ բոլոր բնակիչները, որոնք լեռնային ճամբով կ’երթան ազատուիլ Ֆռնուզ եւ Զէյթուն։ Կապանի հայ բնակչութեան կեանքը այդպէս փրկելէ վերջն է, որ Ապահ եւ իր զինակիցները կը հետեւին անոնց ու կը վերադառնան Զէյթուն` Նոյեմբեր 20ին։ Թուրքեր հասնելով երբ կը տեսնեն թէ բնակչութեան մեծ մասը փախած ու ազատած է, կատղած, կը մտնեն Կապան, աւարի կու տան ու կը հրդեհեն հայոց բոլոր տուները, վանտալական վայրագութեամբ կը կոտորեն ու կը չարչարեն հոն մնացած հայ հիւանդները, ծերերը, պառաւներն ու մանուկները, որոնք չէին կարողացած փախչիլ։ Կապանին օրինակին կը հետեւին անոր շրջակայ` Պունտուգի, Տավուտենքի, Շիվիլկիի եւ Սիսնէի հայ գիւղացիները, որոնք կ’ապաստանին Զէյթուն։ Երբ Ապահ կը վերադառնար Զէյթուն, միեւնոյն օրը, անոր օգնութեան եկող Հրաչեան, իր 75 ընկերներով, կը հանդիպի Ալի պէյի բանակին, որ Կապանը կոտորելէ յետոյ եկած գրաւած էր Պունտուգը։ Կռիւը կը տեւէ կէս ժամ, որմէ վերջ թուրքեր պարտուելով կ’ապաստանին ժամ մը հեռու` Սիսնէի աւերակներուն մէջ ու հոն գտնուող արմտքի մեծ պարէնը փոխադրելով կը մտնեն Զէյթուն։ Նախօրոք, համաձայնութեան եկած էին Կապանի մէջ որ երբ զէյթունցիք արշաւեն` հայեր թուրքերը պաշտպանեն, իսկ երբ թուրք զինուորներ արշաւեն, թուրքեր` հայերը։ Սակայն, ինչպէս որ տեսնուեցաւ, երբ թուրք զինուորներ կ’արշաւեն, թուրքեր թոյլ կու տան որ հայերը կողոպտուին եւ ջարդուին։ Ուստի պատժելու համար Կապանի թուրքերը իրենց գործած վատութեան համար, Նոյեմբեր 22ին, Զէյթունէն ճանապարհ կ’ելլէ 450 հոգինոց արշաւախումբ մը` Ապահի, Հրաչեայի, Աւետիք Կէսխընեանի եւ Կարապետ Տ. Յակոբեանի հրամանատարութեան տակ։ Զէյթունէն մեկնող գունդը, մինչեւ Կանչի հասնիլը` կը
153
բարձրանայ 1200ի։ Այդտեղ հայկական բանակը կը բաժնուի երկու թեւերու, մին` Ապահի եւ Հրաչեայի խմբապետութեամբ, բաղկացած` Զէյթունի Սուրէնեան եւ Վերի թաղի քաջերէն, կ’ուղղուի Կապան։ Իսկ Պօզ-Պայիրի եւ Կարկալարի մարտիկները` Աւետիքի եւ Կարապետի խմբապետութեամբ կ’ուղղուին դէպի Սիսնէ, թշնամիին կռնակը։ Անոնք խրոխտաբար կը յարձակին Կապանի թուրք գիւղին` Իսլամ-քէօյի վրայ, որուն բնակչութիւնը անկարող դիմադրելու կը դիմէ Ալի պէյի բանակը. զէյթունցիք զանոնք հետապնդելով կը ջարդեն անոնցմէ մեծ մասը, կը կողոպտեն անոնց գիւղը ու մեծ աւարով կը վերադառնան Զէյթուն։
Զէյթուն ապաստան` խուճապահար բազմութեանց Կապանի կռիւներէն յետոյ (22 Նոյեմբեր), արշաւանքները մասամբ կը կասին, թէ՛ ձմեռուայ խստութեան պատճառով, եւ թէ՛ ապստամբութեան երկու կեդրոններուն (Զէյթունի եւ Ֆռնուզի) ռազմական դիրքերու ամրացման եւ ներքին վարչական կարգադրութեանց համար։ Այդ երկու կարեւոր վայրերուն մէջ կային մեծաքանակ արմտիք, ամբողջ տարի մը, անոնց բնակչութեանց բաւարարելու պայմանով։ Սակայն, Զէյթունի շրջակայ 100-եակ մը գիւղերու ներխուժող անպատսպար բազմութեանց առջեւ, տեղական խնդիրներու առընթեր, յեղափոխական առժամեայ կառավարութեան համար չափազանց կը դժուարանայ` բազմահազար ժողովուրդ մը կերակրելու, պատսպարելու եւ հագուեցնելու հարցը։ Զէյթունի 18,000 բնակչութեան վրայ, եկած աւելցած էր 15,000 փախստականներու հոծ բազմութիւն մը եւս, կամ տարբեր հաշւով, 1500 տուն բնակչաց վրայ, կ’աւելնան 1850 տուն, ընդամէնը 3350 տուն, որ ըսել է 33,000 բնակչութիւն մը, որուն վրայ պէտք է աւելցնել Զօրանոցէն գերի բռնուած 700 թուրք զինուորներն ու պաշտօնեաները ամէն օր մատակարարելու հոգը։ Այս դժուարին պայմաններուն տակ, վերոյիշեալ թուրք գերիները ամբողջ ամիս ու կէս կերակրելէ վերջ, Աղասիի խորհուրդով, գերեվարուած թուրք գնդապետ` Իֆէթ պէյ, 27 Նոյեմբեր 1895 թուականով նամակ մը կը գրէ Մարաշ, թրքական բանակներու ընդհանուր հրամանատար Մուսթաֆա Րէմզի բաշային, զէյթունցւոց ձեռք գերի ինկած թուրք զինուորներուն համար սննդամթերք խնդրելով Մարաշէն, հայ ջորեպաններու միջոցաւ։ Րէմզի բաշա նամակը ստանալէ վերջ, ո՛չ միայն հետեւանք չի տար անոր պարունակութեան, այլեւ նամակաբեր երկու թուրք գերի զինուորներն ալ կը վռնտէ իր քովէն, ըսելով. «Կորսուեցէ՛ք անպիտաններ, կառավարութիւնը շատո՜նց մեռածներուն կարգը դասած է ձեզ»։ Սուրհանդակները կորագլուխ կը դառնան եւ իրենց տրուած պատասխանը կը հաղորդեն Իֆէթ պէյին։
154
Մարաշի հայ պատգամաւորները Նոյեմբեր 27ին, Զէյթունի սահմանապահ զինուորները, Պէշէնի աւերակներուն մօտ կը հանդիպին` Րէմզի բաշայի կողմէ Մարաշէն եկող հինգ հայ պատգամաւորներուն, որոնք էին` Արթին էֆ. Մուրատեան, Յովսէփ էֆ. Տիսչէքէնեան (Մարաշի սանտըգ-էմինի), Պետրոս էֆ. Սալաթեան (զէյթունցի վաճառական ի Մարաշ), Կոստան էֆ. Տէր Օհաննէսեան եւ ծերունի Տ. Աստուածատուր քհնյ. Թորօղլեան։ Ասոնք առաջնորդուելով Զէյթունի Զօրանոցը, նախ Հնչակեան գործիչներու հարցաքննութեան կ’ենթարկուին, որմէ յայտնի կ’ըլլայ թէ այս ազգադաւ անձերը (որոնք Մարաշի մէջ իբր երեւելիներ ծանօթ էին), անստորագիր թուղթի մը վրայ, երեք պայմաններէ բաղկացեալ առաջարկներ բերեր էին` զէյթունցիները հնազանդութեան եւ անձնատուութեան հրաւիրելու, ինչպէս նաեւ գերի զօրքերը ազատելու եւ հայոց դիրքն ու վիճակը քննելու համար։ Թուրք կառավարութեան բուն նպատակն էր այդ կերպով ժամանակ շահիլ եւ արգիլել զէյթունցիներու կողմէ Մարաշի վրայ յարձակման հաւանականութիւնը, ինչ որ Մարաշի ջարդով պարզուեցաւ նախորդ էջերուն մէջ։ Յեղափոխական պետերը, որոշապէս տեսնելով թէ այդ ձեւակերպութիւնը լարուած թակարդ մըն էր իրենց համար, իսկոյն կ’արգելափակեն պատգամաւորները` Զօրանոցին երկու խուցերուն մէջ։ Այս վերջիններուն պատուիրուած էր երեք օրէն վերադառնալ Մարաշ, գոհացուցիչ պատասխանով մը։ Եւ սակայն, մի քանի օր Զօրանոցին մէջ պահուելէ յետոյ, անոնք կ’ուղարկուին Զէյթուն, ու հոն կը մնան հսկողութեան տակ, որովհետեւ եթէ Մարաշ դառնային, չարչարանքներու եւ սպառնալիքի տակ, շատ մը գաղտնիքներ կրնային հաղորդել կառավարութեան։ Աղասի կը բաւականանայ միայն, 7 Դեկտեմբեր թուակիր նօթով մը տեղեկացնելու Մարաշի կառավարութեան, թէ հայ յեղափոխականները լրտեսելու համար Զէյթուն ուղարկուած հինգ անձերը, ձերբակալուելով, բանտարկուած էին Զօրանոցին մէջ, եւ ի մօտոյ պիտի ստանային իրենց արժանի պատիժը։ Անոնց «արժանի պատիժ»ը կ’ըլլայ մեծ անարգանքներու ենթարկուիլը զէյթունցւոյ կողմէ, ապա ձեռնունայն իրենց Մարաշ վերադարձին` թուրքերէն ե՛ւս ստացած կշտամբանքը։
Ֆռնուզ` երկրորդ ապստամբավայր Զէյթունի հարաւ-արեւմտեան կողմը, անկէ 8 ժամ հեռու, ձորակի մը մէջտեղը կը գտնուէր Ֆռնուզ հայաբնակ զիւղը` 300 տուն բնակչութեամբ։ Շինուած էր փոքրիկ հարթագետնի մը վրայ։ Գիւղի հարաւային կողմը, 50 մեթր ցածէն կը հոսի համանուն գետակը, որ կազմուելով Չուգուր-Հիսարի բարձր լեռներէն, սոսկալի գահավէժներով կ’անցնի նոյն լեռներու նշանաւոր Սէկի կիրճի մէջէն։ Գիւղի անմիջապէս վերեւը, արեւմտեան կողմը կը բարձրանան Չուգուր-Հիսարի մերկ եւ ապառաժուտ սարերը, որոնք շարունակութիւնն են Կոկիսոնի
155
լեռնաշղթային5։ Ֆռնուզի դիրքը Զէյթունի բաղդատմամբ` աւելի ամուր էր. օդը եւ ջուրը Զէյթունէն ա՛լ աւելի մաքուր ըլլալով, բնակչութեան մեծ մասը կայտառ, գեղեցկադէմ, աշխոյժ եւ համակրելի էին։ Ֆռնուզ իր եկեղեցիէն ու դպրոցէն զատ ունէր Ս. Կարապետի վանքը, հայ ճարտարապետութեան դրոշմով, որ կը գտնուէր հիւսիս-արեւմտեան կողմը, գիւղէն 20 վայրկեան հեռու։ Այդ վանքին մօտ, աղբիւրի մը կից, քարաժայռի մը վրայ քանդակուած է մեծ խաչ մը, որ կը կոչուէր Գետ Յորդանան, ուր կը կատարուէր ջրօրհնէքի հանդէսը։ Ֆռնուզ` Զէյթունի գիւղերուն մէջ ամէնէն կարեւորն էր, իր ամուր դիրքով եւ հոծ բնակչութեամբ։ ա. Ապահ դէպի Ֆռնուզ Երբ Զէյթունի շրջակայ հայաբնակ վայրերու մէջ ընդհարումներ տեղի կ’ունենային, միւս կողմէ սկսած էին թուրք ուժերու կեդրոնացումներ։ Մարաշի կողմը կը կեդրոնանային` Ասորիքի գաւառներէն ու հեռաւոր Եէմէնէն, Մէքքէէն, Դամասկոսէն, Հալէպէն գետանման հոսող արաբ եւ ֆէլլահ զօրքեր։ Ախըր-Տաղըի այս բանակին վրայ կ’աւելնային նաեւ` Կիւրինէն եւ Ալպիսթանէն եկող թուրքեր եւ քիւրտեր։ Իսկ Անտրունի կողմը, դաշտին մէջ, կը կեդրոնանային` Պոլսէն, Իզմիրէն, Գոնիայէն, Սեբաստիայէն, Կեսարիայէն, Ատանայէն մարախի պէս թափուող թուրքեր եւ Ուզուն-Եայլայէն վար գտնուող չէրքէզներ ու քիւրտեր։ Կարծես մեծ պատերազմի մը փողը հնչած էր` Թուրքիոյ ամէն կողմերէն` ապստամբ ափ մը զէյթունցիներ նուաճելու համար։ Այդ միջոցին, շրջակայ բոլոր հայ գիւղերն ալ, թիւով 92 հատ, ամբողջովին կորուսած կեանքի ու ինչքի ապահովութիւն, կը կեդրոնանան Զէյթուն եւ Ֆռնուզ։ Ասոնք կ’ըլլան երկու գլխաւոր կեդրոնները` Զէյթունի Ապստամբութեան։ Ֆռնուզի շրջակայ Կոկիսոնի եւ Կապանի դաշտին 20 գիւղերու հայերը, իբր 1040 տուն կը խռնուին Ֆռնուզի մէջ, իրենց գոյքերով, արջառներով միասին, այնպէս որ իւրաքանչիւր տան մէջ միասին կ’ապրին մէկէ աւելի ընտանիքներ, ու մօտակայ արօտատեղիները կը յատկացուին արջառներու։ Իրաց այս կացութեան մէջ, յեղափոխական պետերու գլխաւոր մտահոգութիւնը կ’ըլլայ` գաղթականներու ներխուժումէն ծնունդ առած` ժողովրդային անդորրութեան եւ ապահովութեան հարցը։ Զէյթունի եւ Ֆռնուզի մէջ, փողոցներու մէջ լեցուած էին հազարաւոր բազմութիւններ, պետք էր զանոնք տեղաւորել, կերակրել ու հագուեցնել։ Այդ նպատակով, Ապահ, Դեկտեմբերի 10ին, Հրաչեայի եւ «Աւօ» զօրագնդի զինուորներէն խումբի մը հետ, Զէյթունէն կը մեկնի դէպի Ֆռնուզ` տեղւոյն վրայ կազմուած հայկական վարչութեան գործերը, ինչպէս նաեւ ցորենի պաշարի խնդիրը կարգադրելու համար։
156
բ. Պաշարումը Ապահ իր խումբով Ֆռնուզ մտնելէ երկու օր վերջ, այսինքն Դեկտեմբեր 12ին կ’որոշուի 250 հոգինոց խումբով մը երկրորդ արշաւանք մը ընել Նետիրլիի վրայ (առաջինը եղած էր Նոյեմբեր 19ին Եէնիճէ-Գալէի կռիւի ժամանակ)։ Յաջորդ օրը սակայն, Ուրբաթ առաւօտ կ’իմացուի որ Սիսնէի թրքական բանակը, 8000 զէյպէքներէ բաղկացած, Ալի պէյի հրամանատարութեամբ, Կանչին գրաւելէ յետոյ կը յառաջանայ Ֆռնուզի հիւսիսէն։ Բանակին ուրիշ մէկ թեւն ալ, կանոնաւոր եւ անկանոն զինուորներէ կազմուած, Մարաշի քարէ կամուրջէն ու Սէկի կիրճէն անցնելով, կը սպառնայ հարաւէն։ Ապահ անմիջապէս ետ կանչելով Նետիրլի մեկնող արշաւախումբը, երկու սուրհանդակներ կ’ուղարկէ նաեւ Զէյթուն, օգնական ուժեր խնդրելու։ Ան իր հետ առած 45 հոգի, նոյն օրը, ցերեկէն վերջ կը մեկնի դէպի հիւսիս, պաշտպանելու համար Ղըսըքի ձորը, Ալի պէյի բանակին դէմ։ Իսկ Հրաչեայ, 12 հոգիով կը բարձրահայ դէպի հարաւ, Աղալըի գագաթը` դիմադրելու համար այդ կողմէն եկող ուժերուն։ Մինչեւ իրիկուն, Նետիրլի մեկնող 250 հոգինոց արշաւախումբը, եղած հրահանգին համաձայն կը վերադառնայ Ֆռնուզ, ու կը միանայ Հրաչեայի խումբին։ գ. Ապահի խումբին դիմադրութիւնը Ապահի խումբը, Ուրբաթ գիշեր բազմաթիւ բոցեր վառելով, բարձր բլուրներու վրայ կը սպասէ մինչեւ առաւօտ։ Արշալոյսին, թշնամին չհամարձակելով այդ կիրճէն անցնիլ, իր ընթացքը կը փոխէ Թէքիրի վրայով, ուր համեմատաբար չկային նեղ ու դժուարին անցքեր։ Ապահ, կը ստիպուի կրկին Ֆռնուզ իջնել եւ իր խումբը զօրացնելով, դիմել դէպի Թէքիր։ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր կէս օրուան մօտ, Ապահին խումբը հազիւ 60-70 կամաւորներէ բաղկացած, կը հանդիպի թշնամիին 5000 հոգինոց հիւսիսային բանակին։ Խումբին մէջն էին` Մխալ գիւղապետներէն Հաճի Մարտիրոս Շատալախեան, Աւետիս Տնտեսեան, Կարապետ Գըլլըեան, Նշան Ղազարոսեան, Կարապետ Սուքեասեան։ Խումբէն մաս մը դիրք կը բռնէ մարտկոցներու ետին, ուրիշ մաս մըն ալ հաստաբուն ծառերու ետին։ Երկու կողմէ հրացանաձգութիւնը տեղի կ’ունենայ սաստիկ արագութեամբ։ Թշնամին կ’ուզէ յառաջանալ լեռնադաշտին մէջէն։ Երկու անգամ սաստիկ յարձակում կը գործէ կատաղի կերպով, սակայն երկու անգամուն ալ, հայոց կողմէ արձակուած գնդակներէն ետ կը մղուի։ Ցերեկէն յետոյ, կռուի ամենատաք միջոցին, արդէն կը զարնուի` յայտնի ապստամբապետ` Հաճի Մարտիրոս Շատալախեան։ Նոյն միջոցին, թշնամին տեսնելով որ յարձակումով չպիտի կարողանայ ետ մղել հայերը, փողով կը հրամայէ` վաշտով մը լերան վրայէն Ս. Կարապետի վանքին կողմէն հայերը պաշարել կռնակէն։ Թշնամիի բազմութիւնը շատ էր բաղդատմամբ հայերու թիւին, որուն շնորհիւ կը յաջողի ամէն կողմերէն պաշարել հայերը, ու կիրճերէն յառաջանալ դէպի Ֆռնուզ։ Վերջապէս ամբողջ 10 ժամ կռուելէ, ու
157
Ալի պէյի բանակէն 250 հոգի սպաննելէ, նոյնքան ալ վիրաւորելէ յետոյ, հայոց ռազմամթերքը հատնելով ու անկարելի ըլլալով երկար ատեն դիմադրել, Ապահի այս խումբը կը ստիպուի նահանջել դէպի Ս. Կարապետի վանքը։ Վանքին մօտենալով, անոնք ինքզինքնին կը գտնեն երկու կրակի միջեւ հիւսիսէն եւ հարաւէն։ Անկարելի կ’ըլլայ իրենց` ո՛չ վանք մտնել եւ ո՛չ ալ Ֆռնուզ իջնել։ Խուճապը կը սկսի, անոնք կ’ուզեն ձորը իջնել ու Զէյթուն ապաստանիլ։ Թուրքեր բռնած կ’ըլլան բոլոր անցքերը, ու անխնայ կը հարուածեն ու կը սպաննեն կիներ, ծերեր ու մանուկներ. իսկ ոմանք կը յաջողին Ֆռնուզ մտնել6։ դ. Փրկարար հրաշքը Ապահ կը մնայ առանձին, Ս. Կարապետի վանքին մօտ. այդ խուճապին մէջ զիրար կորսնցուցած ըլլալով, հոն կը հանդիպի Բարթողիմէոս վրդ.ին եւ Նշան Ղազարոսեանին, երեք հոգիով, իրենց ձիերուն ընթացքը ուղղելով դէպի Զէյթուն, քառասմբակ կը խոյանան, կը կտրեն կ’անցնին այգիները, բլուրներն ու ձորերը, ու մասնաւորապէս Ֆռնուզի անդնդախոր կիրճը, որուն վերեւէն Ալի պէյի թուրք բանակին զինուորները ճանչնալով իրենց զինուորական զգեստներէն, անընդհատ հրացանաձգութեամբ մը բիւրաւոր գնդակներ կը թափեն անոնց վրայ։ Անոնք կը յառաջանան անդադար ու կը յաջողին մեծ դժուարութեամբ ի վերջոյ ճեղքել պաշարման շղթան, ու շունչերնին առնել Զէյթունի ապահով սահմանները, Ֆռնուզէն ժամ մը հեռու մացառներուն մէջ։ Հոնտեղ կանգ կ’առնեն անոնք։ Ո՛չ մէկ գնդակ հանդիպած էր իրենց։ Միայն Ապահին ճերմակ նժոյգը թեթեւօրէն վիրաւորուած էր երկու տեղէ։ Ի տես նախախնամութեան այս հրաշքին, Ապահ կը հարցնէ իր անվեհեր զինակից Բարթողիմէոս վրդ.ին թէ ի՞նչ բանի պէտք է վերագրել, ստոյգ մահուընէ իրենց փրկութիւնը. ու վեղարաւոր հերոսը ջերմեռանդութեամբ իր ծոցէն կը հանէ` Ս. Ստեփանոսի մասունքը կրող իր հրաշագործ արծաթեայ խաչը, ու կը յարէ. «Ահա՛, զօրութիւնը որ զմեզ փրկեց»։ Ու ան, արտասուալից աչքերը յառած դէպի երկինք, գոհութիւն կու տայ Ամենակալին։ Հոն երեքը մէկ կը գրկախառնուին իբրեւ կարկտահար փոթորիկէ բռնուած ճամբորդներ ու կը համբուրեն Սուրբ Մասունքը, այսպէս փառաւորելով ու զօրացնելով իրեն մէջ անխտիր հաւատքէն յայտնաբերուած հրաշագործութիւնը...։
Զէյթունի օգնութիւնը` Ֆռնուզի Յիշեցնենք թէ երբ թրքական բանակը Դեկտեմբեր 12ին, Ֆռնուզի սահմաններէն ներս մտնելով կը սպառնար տեղւոյն հայութեան կեանքին, Ապահ, երկու սուրհանդակ ուղարկելով Զէյթուն, օգնական ուժեր կը պահանջէր։ Հիմա տեսնենք թէ ո՞ւր մնաց` Զէյթունի օգնութիւնը։ Ֆռնուզցիք, Անտրունի թուրք բանակին ահեղ ուժը տեսնելով ու կռահելով թէ ուշ կամ կանուխ պիտի ենթարկուին անոր յարձակման, նախօրօք կ’ուզեն
158
գաղթել Զէյթուն, բայց զէյթունցիք չէին կրնար համակերպութիւն ցոյց տալ, նկատելով թէ արդէն Զէյթունի շրջակայ հայ գիւղացիները սկսած էին խռնուիլ քաղաքը ու դիւրին չպիտի ըլլար Ֆռնուզն ալ արմտիքներով, բնակիչներով ու արջառներով պատսպարել, ուստի Զէյթունէն հրահանգ կը տրուէր ֆռնուզցիներուն` կարելի եղածին չափ տոկալ, ի պահանջել հարկին միայն օգնական ուժ հասցնել իրենց։ Զէյթունի Ս. Սարգիս թաղը Ֆռնուզի կողմը գտնուելուն համար, սերտ յարաբերութեան մէջ էին այս թաղեցիները. ու իբր ի պատասխան` Ֆռնուզէն Ապահի ըրած օգնութեան կոչին, յիշեալ թաղեցի` Կարապետ Տ. Յակոբեանին կը վիճակուի, Դեկտեմբեր 14ին, 70 կտրիճներով Ֆռնուզի օգնութեան փութալ։ Այս փոքրիկ խումբը, ստուարանալով հետզհետէ հասնող գիւղացիներով, որոնց մէջ Ֆռնուզի միւտիր Գէորգ էֆ. Պըլտըրեան, Թէքիրի մօտ կը հանդիպի չէրքէզ խումբերու, որոնց հետ կատաղի կռիւ կը մղէ, սպաննելով անոնց մեծ մասը։ Ապա կ’ուզէ խոյանալ ու պաշարման գիծը կտրելով Ֆռնուզ մտնել, սակայն անհնարին կ’ըլլայ, ու ատկէ հետեւցնելով թէ Ֆռնուզ ինկած է կը ստիպուի վերադառնալ, մանաւանդ որ լուր կը հասնի իրենց թէ Մարաշի բանակը, Մուսթաֆա Րէմզի բաշայի հրամանատարութեամբ, յարձակման սկսած է Զէյթունի վրայ։ Ահա՛ այդ միջոցին է որ (Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր) երեկոյեան, երբ Ապահ իր երկու զինակիցներով, հրաշքով ազատուելէ վերջ, ճեղքած անցած էր թշնամիին պաշարման գիծը, եւ ապաստանած Զէյթունի սահմանները, կը հանդիպի Զէյթուն վերադարձող` Կարապետ Տ. Յակոբեանի խումբին, որուն կ’առաջարկէ իր մօտ մնալ, եւ իսկոյն սուրհանդակ մը ուղարկելով Ֆռնուզ կը հրահանգէ հոն մնացող հայոց, թէ թուրք զինուորներ քաշուած ըլլալով, եւ գիշերուան մթութենէն օգտուելով կարող էին Թէքիրի գետակը լողալով անցնիլ (զի թշնամին քանդած էր կամուրջը) եւ իր խումբին հսկողութեամբ ապաստանիլ Զէյթուն։ Այս կարգադրութեամբ, կարելի կ’ըլլայ փրկել Ֆռնուզի եւ շրջակայից 10,000 բնակչութենէն 6000 հոգի, իսկ մօտ 600 (որոնց մէջ նաեւ չորս քահանաներ) ծեր, կին եւ երեխայ անխնայ կը կոտորուին էգու ձորի մէջ, իսկ 400ի չափ ալ կիներ եւ աղջիկներ կը գերեվարուին դէպի Մարաշ։ Ճամբան անոնցմէ մաս մը կը բռնաբարուին, ուրիշներ թիւով 50 հայուհիներ չուզելով վաւաշոտ գազաններուն ձեռքն իյնալ ու մահմետականանալ, Մարաշի կամուրջին վրայէն հերոսաբար ինքզինքնին Ճիհան գետը նետելով խեղդամահ կ’ըլլան կամ բարձր ժայռերէ վար նետուելով անձնասպան կ’ըլլան...։ Ասոնցմէ զատ, մնացեալ 3000 հայերը կը միանան Հրաչեայի խումբին։ Անկումը եւ Հրաչեայի խումբը Հրաչեայի 12 հոգինոց խումբը, որուն միացած էր վերջէն` Նետերլի գացող 250 հոգինոց արշաւախումբը, Ֆռնուզի պաշարման ամբողջ երեք օրուան ընթացքին
159
(12-15 Դեկտեմբեր) գերմարդկային ջանքեր կ’ընեն թշնամին զբաղեցնելու, ահագին կորուստներ պատճառելով բանակին եւ խուժանին։ Անոնք կը փլցնեն Ֆռնուզի հարաւային փայտեայ կամուրջը, այդպէսով կ’արգիլեն թշնամին ուղղակի խուժելու Ֆռնուզ, զի գիւղը գրաւելու համար հարկ էր 50 մեթրի չափ բարձրութիւն ունեցող զառիվայրէն իջնել, անցնիլ գետակը եւ նորէն նոյնքան դէպի վեր բարձրանալ։ Հրաչեայի խումբին հետեւելով Ֆռնուզի մէջ զինուած ու անզէն մնացեալ հայերը, թիւով 3000 հոգի, հետերնին առնելով բաւականչափ պաշար եւ ռազմամթերք կ’ապաստանին Ֆռնուզի բարձունքները, Ղըսըքի անառիկ փապարներուն մէջ։ Այնտեղէն պատերազմող քաջերուն կողքին, հայ կիներն ու երեխաներն անգամ, որոնք անկարող էին հրացան պարպել, ահագին ժայռեր փրցնելով, կը գլորեն զանոնք թշնամիին վրայ, իրենց աղաղակներով խրախոյս եւ ոգեւորութիւն ներշնչելով պատերազմիկներուն։ Անոնք ոգի ի բռին, կը շարունակեն կռիւը. ի վերջոյ սպառելով իրենց ռազմամթերքը, թշնամին կը մտնէ Ֆռնուզ, Կիրակի կէսօր, 15 Դեկտեմբերին, ուր անխնայ կը թալլեն ու կը հրդեհեն ի մէջ այլոց Ս. Կարապետի վանքը։ Անոնք ապա լեռներուն մէջ կը հետապնդեն հայերը։ Անզէններն ու տկարները նշաւակ կ’ըլլան անոնց վայրագութեանց, ինչպէս գերիվարուող հայ կանանց պարագան, որ քիչ վերը յիշեցինք։ Երեք օր ամբողջ իրենց համար հայ որսեր փնտռելէ վերջ, Ալի պէյի զինուորները կը կեդրոնանան Զէյթունի սահմաններուն մէջ։ Հրաչեայ եւ իր հետ եղող 3000 անպատսպար հայերը, ամբողջ երեք շաբաթ կը թափառին լեռներուն մէջ։ Անոնցմէ զինուածներէն մաս մը կը պաշտպանեն իրենց հսկողութեան տակ գտնուող կիներն ու երեխաները, իսկ միւս մասը ցրուելով Սու-Չաթըի եւ Սէկի ճանապարհներուն վրայ, երկու անգամ (Դեկտեմբեր 22 եւ 27ին) յարձակում կը գործեն` Զէյթունը պաշարող թուրք բանակին յատկացուած ուտեստի եւ ռազմամթերքի կարաւաններուն վրայ ու զանոնք կը կողոպտեն, եւ այդ աւարի շնորհիւ կը յաջողին օրեր ամբողջ տոկալ թշնամիի հարուածներուն ու դիմադրել անսուաղութեան7։ 7 Յունուար 1896ին է որ, կէս գիշերուայ մօտ, Զէյթունի պաշարման շղթայէն պրծելով, կը յաջողին ապաստանիլ Զէյթուն, անակնկալ ուրախութիւն պատճառելով զիրենք հիւրասիրողներուն, երբ զանոնք ողջ գտնելու ամէն յոյս կորուսած էին...։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Զօրանոցի անկումէն օր մը յետոյ, Աղասի, երկար թղթակցութեամբ մը, յաղթանակի լուրը կ’աւետէ Այնթապի Հնչակեան Մասնաճիւղին։ Սուրհանդակի պաշտօնը կը կատարէ` Այնթապի կամաւորներէն Մանուկ Պիլէմճեան։ Ան արհեստով ծխախոտի մագսանենգ եւ քաջածանօթ կիլիկեան լեռներու ծակուծուկին, կը յաջողի` լեռնային գաղտնի ճամբաներէ Ֆընտըճագ անցնիլ, այնտեղէն առնել երկու կտրիճներ եւ նոյնպէս գաղտնի ճամբաներով երկու օրէն հասնիլ Այնթապ։ Մե՜ծ կ’ըլլայ Այնթապի յեղափոխական
160
շրջանակին կրած ուրախութիւնը` Զէյթունի յաղթութեան աւետիս իմանալով։ Աղասի իր այդ թղթակցութեամբ կը պատուիրէր. 1.- Լուրը հասցնել արտասահման. 2.- Արծրունին – Յակոբ Ասատուրեանը փութացնել Զէյթուն, քաղաքային վարչութիւնը կազմակերպելու համար. 3.- Օգնութիւն եւ կարգ մը կարեւոր եւ դիւրատար նիւթերու առաքում։ Արտասահման լուր հասցնելու համար պէտք էր Զէյթունէն ստացուած այդ թղթակցութիւնը ուղարկել Իսկէնտէրուն։ 2. Զէթունի Զօրանոցը (պատմական ծանօթութիւն) 1879ին, Սուլթան Համիտ իր երկրագործական ծրագիրները որոճալու համար, պէտք կը տեսնէ ժամանակաւորապէս սիրաշահիլ զէյթունցիները, ուստի մասնաւոր իրատէով Պոլիսէն Զէյթուն կը ղրկէ Մազհար բաշան եւ Յովհաննէս էֆէնտի Նուրեան, որոնց յետոյ կը միանան Հալէպի անգլիական հիւպատոս Ճէրմսայտ եւ Կիլիկիոյ Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոսը։ Պատուիրակները կայսերական ներում կը հրատարակեն Պապիկ բաշային եւ խումբին, ու կը յաջողին Նուրեանի մեքենայութիւններով համոզել զէյթունցիները որ Զօրանոց մը շինուի, Զէյթունի դիմացը, բարձր ժայռի մը վրայ, քաղաքին տիրապետող դիրքով։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կը ստիպուի ինք անձամբ զետեղել հիմնաքարը, ու արտասուախառն աչքերով, դառնալով իր շուրջ գտնուող զէյթունցիներուն, կ’ըսէ` մարգարէական շունչով մը. «Զաւակնե՛րս, ես ի՛նքս կը զետեղեմ այս հիմնաքարը, որպէսզի այս շէնքը, երջանիկ օր մը ձերինը ըլլայ»։ Արդարեւ, Սիսի ծերունազարդ կաթողիկոսին գուշակութիւնը կատարուած էր 17 տարի յետոյ, ու բռնութեան այդ անառիկ բե՛րդը, թուրք Զօրանոցը, այդ օր կը փոխակերպուէր հայկական ամրոցի մը...։ 3. Ֆրանսահպատակ Պատրք. Սալվաթօր Լիլի (P. Salvatore Lili di Capadocia), Նաբօլի նահանգի, Կապատօչիյա գաւառի Նէութունօ գիւղէն։ 4. Հ. Էմմանուէլ Կարչիա եւ իր հետեւորդները Զէյթուն կը հասնին Նոյեմբեր 21ին, ուր կը գտնեն լաւ ընդունելութիւն մը քաղաքին աւագանիէն եւ յեղափոխական պետերէն. իրենց համար կ’ըլլան զինուորական պատիւներ։ Անոնց կը վերադարձուին նաեւ` լատին վանքերէն կողոպտուած թանկարժէք առարկաներէն կարեւոր մաս մը, գորս զէյթունցիք յաջողած էին ձեռք ձգել` վանքերը կողոպտող թուրքերէն։ Աղասի դիւրութիւն կ’ընծայէ անոնց` Զէյթունի այդ պաշարման օրերուն, նամակներ ուղարկելու Իսկէնտէրունի ֆրանսական եւ սպանիական դեսպաններուն, հաղորդակից ընելու անոնց` իրենց պատահած դժբաղդութեանց։ Րէմզի բաշայի Զէյթունի վրայ յարձակման միջոցին, անոնք տեղափոխուելով, կ’ապաստանին Զէյթունի ետին` Էրէֆէյի քարայրներուն մէջ։ Պահ մը կռիւներու դադարած միջոցին, կը փորձեն մեկնիլ Զէյթունէն, սակայն թուրքերու կողմէ յարձակման ենթարկուելով, կը վերադառնան Զէյթուն, ու ամբողջ պատերազմի տեւողութեան իբրեւ ականատես վկաներ Զէյթունի ապստամբութեան հո՛ն կը մնան, մինչեւ դեսպաններուն ժամանումը եւ բանակցութեանց սկսումը։ Ապա կ’անցնին արտասահման` զէյթունցւոց ցոյց տուած ասպնջականութենէն մեծապէս շնորհապարտ։ Զէյթունի ապստամբութենէն ետք, ֆրանսական կառավարութիւնը` Պոլսոյ իր հիւպատոսարանին պատերազմական ենթաքարտուղար` Պ. Տը Վիալարը ուղարկելով Մարաշ, քննութիւն մը կը բանայ` Հ. Սալվաթօրի սպանութեան շուրջ։ Պ. Տը Վիալարի այդ առթիւ պատրաստած տեղեկագիրը ո՛չ միայն կը հաստատէ` իտալացի կրօնաւորին
161
թուրքերու կողմէ սպաննուած ըլլալը, այլեւ երեւան կը բերէ սարսռազդեցիկ յայտնութիւններ` թուրքերու կողմէ հայոց վրայ ի գործ դրուած հալածանքներու մասին, ինչպէս նաեւ կու տայ Զէյթունի ապստամբութեան մանրամասնութիւնները, որոնք յետոյ ամբողջութեամբ պաշտօնապէս հրատարակութեան կը տրուին 1897ի վերջերը, ֆրանսական կառավարութեան Դեղին գիրք անուամբ ստուար հատորի մը մէջ։ Նախքան այդ հրատարակութիւնը, Աղասի, Փարիզի մէջ կը պատրաստէ` Հ. Սալվաթօրի սպանութիւնը անուն գրքոյկ մը, որ Արշակ Չօպանեանի ֆրանսերէն թարգմանութեամբ լոյս կը տեսնէ 1897ի Յունուարին, ճիշդ ա՛յն օրերուն, երբ Փարիզի մէջ տեղի կ’ունենար դատավարութիւնը` Հ. Սալվաթօրի սպաննիչ` գնդապետ Մազհար պէյի։ Ֆրանսական եւ իտալական կառավարութիւնները, Բ. դուռէն կը պահանջեն եւ ընդունիլ կու տան վնասուց հատուցում եւ մեղսակիցներու պատժում։ Աղասիի գրքոյկը, ֆրանսացի հրապարակագիր Պ. Բիէռ Քիյառի յառաջաբանով (որուն մէջ, հայասէր մեծանուն բանաստեղծը համակրանքով կ’արտայայտուի` Աղասիի եւ Ապահի Զէյթունի մէջ կատարած դերին եւ Փարիզի մէջ անոնց հետ ունեցած տեսակցութենէն` իր վրայ թողած տպաւորութեան մասին), յարմար ժամանակին կու գայ մտքերը լուսաբանելու եւ ջերմագին ընդունելութեան մը արժանանալու։ 5. Գիւղը կը կոչուէր նաեւ Խժոտ, զանազանելու համար հին Ֆռնուզ գիւղակէն, որ կը գտնուէր հիւսիս-արեւելքը` Սէկի Կէտիկ լերան վրայ եւ կը համարուէր հին Ուլնի գիւղը։ 6. Ֆռնուզի կռիւներուն մասին Հնչակի ուղղուած սեփական թղթակցութիւն մը կը տեղեկագրէ` 20 Դեկտեմբեր 1895 թուականով. Յայտնի Պ. Ապահի հրամանատարութեան տակ գտնուող Հնչակեան բանակը մեծ յաղթութիւն տարաւ` Ֆռնուզի դէմ` Չուգուր-Հիսարէն, Մերսինէն եւ Ալաշէհիրէն գացող վաշտերուն վրայ. թշնամեաց կորուստը խիստ շատ է։ 7. Իրենց գրաւած այդ աւարը կը բաղկանար 40 բեռ ուտեստէ, իրենց ձիերով, ջորիներով եւ ուղտերով միասին։ Անոնցմէ 7 բեռը աղ էր, որը մեծ բարիք կ’ըլլայ` առանց աղի մնացած ժողովուրդին համար, իսկ մնացածներն էին` ալիւր, բրինձ, նարինջ, լիմոն, շաքարեղէն, որոնք նուէր կը տարուէին Ալի պէյի, սակայն բաղդի բերմամբ, գիւղացի հայ երեխաներու բերնի պատառ կ’ըլլան...։ Այս ալ, այդ տխուր օրերուն մէկ զուարթ հակապատկերը կը ներկայացնէր...։
162
ԳԼՈՒԽ Է. 45 ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ (14 Դեկտեմբեր 1895 – 30 Յունուար 1896) Ու ծափ զարկին մեր հարց ըստուերք, Զի չէ՛ մեռած հայոց կըրակ. Ու ցնծասցին այնչափ զոհեր, Զի լուծաս վրէժ յարեան վըտակ։ Խնդաց Մասիս, մա՜յր իմ, ու դուն Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։ ՄԿՐՏԻՉ ՊէշԻԿԹԱշԼԵԱՆ
Ե
Մեծ ճակատամարտի նախօրեակին րկուշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, կէսօրէն վերջ, հետազօտիչ խումբը (որսորդ խումբը) Զէյթունի իշխաններէն եւ աղաներէն բաղկացած, 22 հոգիով, Աղասիի առաջնորդութեամբ, ճանապարհ կ’ելլեն` Զէյթունի վրայ յառաջացող մեծ բանակը լրտեսելու։ Անոնք անցնելով Ջերմուկի դաշտը, կ’իջնեն Ղըլավուզ-Տէրէ, ուրկէ կը բարձրանան Արեգինի Վարդանենք գիւղի բլուրը, Զէյթունէն 5 ժամ հեռու, որուն դիմացն էր մեծ բանակը, Վարդապետի կամուրջի գլխին, մէկ մղոն հեռաւորութեամբ։ Այնտեղ Ջահանի ալիքները փրփըրելով ու գոռալով կը զարնուէին իրենց ափերուն, անանցանելի սահմանը գծելով` Ազատ Զէյթունի եւ կատղած թշնամիին։ Որսորդախումբի անդամները բլուրին գագաթը բարձրանալով, զօրաւոր հեռադիտակներով կը սկսին զննել թշնամիին վրդովիչ բանակը` 4000 վրաններով, մօտ 40,000 զինուոր։ Այդ պահուն, անոնք կը նշմարուին թուրք բանակէն, որ իսկոյն թնդանօթի քանի մը ռումբեր կ’արձակէ անոնց վրայ, առանց որեւէ վնաս պատճառելու։ Երկուստեք հրացանաձգութիւնը կը տեւէ ամբողջ ժամ մը, ի վերջոյ, տեղատարափ անձրեւին պատճառով, զէյթունցի քաջարի իշխանները իրենց հետախուզութիւնները կատարելէ վերջ, կը վերադառնան ու ապահով կը հասնին Զէյթուն, այն հաստատ համոզումով թէ թշնամին մօտ օրերու մէջ պիտի գործէ իր յարձակումը։ Ուստի զէյթունցիք եւս, կը ստիպուին տեսնել իրենց նախապատրաստութիւնները, զանոնք
163
հիւրընկալելու համար իրենց գերեզմաննոցին մէջ...։ Նոյն օրը, գիշերուն, Երեսփոխանական Ընդհանուր ժողովը, իր 40 ծերակուտականներով, արտակարգ նիստի կը հրաւիրուի` Սուրէնեան թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողովասրահը, Զէյթունի սպառնացող ծանրակշիռ կացութեան մասին մտածելու համար։ Ժողովին կը նախագահէ Աղասի։ Ժողովականները բոլորն ալ ըմբռնելով վայրկեանին ծանրութիւնը, կտրուկ միջոցներ ձեռք կ’առնեն Զէյթունի ինքնապաշտպանութեան համար, եւ կ’ընտրեն` Աղասիէ, Նազարէթ իշխանէ, Աւետիք էֆ. Էշընեանէ, Աւագ աղա Չագրեանէ կարգադիր մասնախումբ մը, հսկելու համար ժողովին տուած որոշմանց։ Յաջորդ օրն իսկ, հազարաւոր կտրիճ զէյթունցիներ բահ ու բրիչ առած, ուրախութեամբ կը հետեւին կարգադիր մասնախումբի անդամոց դէպի Ջերմուկի դաշտը։ Ժողովի որոշումով կ’ամրացուին Զէյթունի գլխաւոր անցքերը։ Այդ նպատակով մարտկոցներ կը շինուին` Պէրզինկայի բարձունքը, Ուզար Ձոր, Ավազ Կէտիկ լեռ, ԱգՏաղ, Էշէք-Մէյտանի Ձոր, Սանդուխ հեղեղատ, Սաղիր լեռ եւ Անէ Ձոր։ Այս բոլորը` նշանաւոր լեռներն ու անցքերն էին, ուրկէ կարող էր գալ մեծ բանակը։ Պէրզինկայէն մինչեւ Անէ Ձոր աւելի քան երեք ժամ հեռաւորութիւն ունեցող եռանկիւնաձեւ լեռնաշղթայ մը կը կազմէ։ Երկու օրուան մէջ, բոլոր մարտկոցները կը շինուին, կը տեղաւորուին բոլոր ռազմամթերքները, կը պատրաստուին մարտիկները, եւ իւրաքանչիւր թաղի պետեր, համախմբած իրենց զինուորները, կ’երթան դիրք բռնել վերոյիշեալ անցքերուն մէջ։ Զինուորական կարգադրութեանց ու նորանոր շարժումներու մասին, ընդհանուր հրամանատար կը կարգուի Աղասի, որուն գտնուած տեղը պիտի ըլլար նաեւ թնդանօթը։ Կ’ընտրուին նոյնպէս` Զէյթունի 4 թաղերէն 4 արագաշարժ մարդիկ, որոնց օրավարձերը վճարելով, կ’ուղարկուին Վարդանենք գիւղին բլուրին վրայ, տախտակեայ պահականոց մը շինելով, տեղւոյն վրայ լրտեսելու ստուարացող թուրք բանակին ընթացքը եւ օրը օրին տեղեակ պահելու Զէյթունի պատերազմական խորհուրդը։
Յարձակողականը` հարաւ-արեւելեան ռազմաճակատէն Ընթերցողը կը յիշէ թէ Ապահ, Դեկտեմբեր 13ին, Ֆռնուզէն երկու սուրհանդակ ուղարկելով Զէյթուն, օգնական ուժեր պահանջած էր` Ալի պէյի արշաւող բանակին դիմադրելու համար։ Դեկտեմբեր 14ին, երբ հազիւ Կարկալարի զօրագունդը կը մեկնի Ֆռնուզի օգնութեան, Վարդանենք ուղարկուած չորս հետախուզող զէյթունցիները հեւալով կը հասնին Զօրանոց, ու կը հաղորդեն թէ Մուսթաֆա Րէմզի բաշայի արեւելեան բանակը վերցնելով իր բացած վրանները, Վարդապետի կամուրջէն, Ջահանի եզերքն ի վեր կը յառաջանար Զէյթունի արեւելակողմը, մէկուկէս ժամ հեռու Եզիտլէր հայաբնակ գիւղին վրայ։ Այս շանթահարիչ լուրին վրայ, Աղասի կը թողու Զօրանոցին պաշտպանու-
164
թիւնը Մլեհին, եւ ինք, Զօրանոց մնացած «Աւօ» զօրագնդի տասնի չափ անդամները եւ ուրիշ 200 զէյթունցի ձիաւորներ հետը առած, իբրեւ յառաջապահ գունդ, կ’երթայ դիմաւորել թշնամին Ս. Փրկիչ վանքի գիւղը, ուրկէ պիտի տրուէր նաեւ հայկական բանակի շարժման բոլոր հրամանները։ Կէսօրուան մօտ թշնամին` իր 62,000 հոգինոց վիթխարի բանակով կ’երեւի Ջերմուկի դաշտէն երեք քառորդ ժամ հեռու, Ախվախ ըսուած տեղը։ Այն պահուն ուր վրանները կը զարնուէին հոն, թուրք ձիաւոր յառաջագնաց 500 հոգինոց խումբը, անցնելով Անէ Ձորը կը յառաջանայ Ջերմուկի կողմէն Եզիտլէր հայաբնակ գիւղը, իսկ միւս հետեւակ խումբը, բաղկացած 2000 կանոնաւոր ու անկանոն պէշէնցի եւ բերդուսցի զինուորներէ կը բարձրանան Ս. Փրկիչի կողմը։
Ս. Փրկիչ վանքին գրաւումը եւ հրկիզումը Թէ՛ Եզիտլէրի եւ թէ՛ Ս. Փրկիչ վանքի կողմերը միաժամանակ կը սկսի բուռն կռիւը։ Եզիտլէրի կողմը, թշնամին կ’ընկրկի` հոդ ապաստանող պօզպայըրցի եւ գրկըլարցի հայերէն զօրաւոր դիմադրութիւն մը տեսնելով։ Իսկ Ս. Փրկիչի կողմը արշաւող 2000 զինուորներուն վրայ աւելնալով ուրիշ 3000 նոր ուժեր, 4 քրուփի թնդանօթներով, տեղի կ’ունենայ բուռն ռմբակոծութիւն։ Թշնամիք երկիցս ետ կը մղուին, սակայն, իրիկուան դէմ երրորդ անգամ ըլլալով, յանդուգն սպայի մը հրամանատարութեան տակ, նորէն կը յարձակին։ Փանոս Չօլաքեանի մէկ գնդակով կ’իյնայ սպան եւ ետեւէն ալ երկու պաշտօնատարներ։ Բանակը խոյս կու տայ, սակայն, 2000 նոր զօրքերով զօրացած նորէն կը վերադառնայ։ Ահաւոր կ’ըլլայ կռիւը այդ 7000 հոգինոց բանակին դէմ, որուն ընթացքին զէյթունցիք հերոսական քաջութեամբ` տեղատարափի նման տեղացող գնդակներու մէջէն, թշնամիին շղթան ճեղքելով, կ’ապաստանին Մուրթատլար հայաբնակ գիւղը։ Մեկնումի ատեն, զէյթունցիք կրակի կու տան Վանքին շրջակայ տուները, իսկ թուրքերը անմիջապէս անոնց ետեւէն հասնելով, կը հրդեհեն նաեւ Ս. Փրկչի վանքը։ Թուրք ռազմավարժ բանակը այս առաջին փորձով մասամբ կը յաջողի վիժեցնել զէյթունցւոց ծրագիրը, եւ կարեւոր դիրքեր գրաւել. որովհետեւ զէյթունցիք խորհելով թէ թուրք բանակը Սաղիրի նեղ ու գահավէժ միակ անցքէն պիտի յառաջանար, ինչպէս եղած էր ուրիշ կռիւներու ատեն, ամրացուցած էին միայն այդ կողմի դիրքերը. սակայն բանակին մէկ թեւը կը քալէ Զէյթունէն 2 ժամ հեռաւորութեամբ Ս. Փրկիչ վանքին վրայով եւ զայն այրելով ու Սաթլըխ լերան ստորոտէն անցնելով կը բարձրանայ Պէրզինկայի գագաթը եւ անկէ կը սկսի կրակ տեղալ հայ խումբերուն վրայ, ինչպէս որ պիտի տեսնուի յետագայ էջերուն մէջ։
165
Ընդհանուր զօրակոչ Նոյն օրը, Շաբաթ գիշեր, Աղասիի նախագահութեամբ Քաղաքային Վարչութիւնը եւ Պատերազմական Խորհուրդը նիստ կը գումարէ Ս. Աստուածածնի վանքին ժողովասրահին մէջ։ Կ’որոշուի` Ա. Ընդհանուր զօրակոչ` 14-70 տարեկան զէյթունցի տղամարդոց. մասնաւոր մունետիկներով, եկեղեցիներուն թէ փողոցներուն մէջ զայն ծանուցանել ժողովըրդին, որպէսզի յաջորդ օրն իսկ, ամէն ոք փութայ կռուի դաշտ, զինուած թէ անզէն։ Բ. Որպէսզի ժողովուրդն ամբողջ երթայ պատերազմի, Զէյթունի բոլոր իշխաններն ու աղաները իրենց զաւակներով ու ազգականներով միասին պարտին կանխապէս իրենց նախասահմանուած պարտէզներուն վրայ գտնուիլ։ Գ. Միաբան կ’ուխտուի` անխախտ ու անդաւաճան կռուիլ մինչեւ վերջ, նշանաբան ունենալով «Մահ կամ Ազատութիւն»։ Կ’ըլլան նաեւ կարգ մը զինուորական կարգադրութիւններ` յուսահատական պարագաներու տակ գործադրելի։
Կրակի աղեղնաձեւ գիծը Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր, կէսօրուան մօտ, թուրք բանակը կը սկսի իր ամենակատաղի յարձակումները գործել երեք կէտերու վրայ։ Ավազ Կէտիկի դիրքերը պաշտպանող 400 զէյթունցիք կը դիմադրեն 4000 զինուորներուն։ Հոն կ’իյնան տասնեակներով զինուորներ, ու մէկ ու կէս ժամուայ հերոսական պատերազմէ յետոյ, թշնամին կը ստիպուի երկու անգամ նահանջել։ Սանդուխի կիրճին վրայ ապաստանած Զէյթունի ամէնաընտրեալ քաջերը, որոնց մէջն էին Զէյթունի իշխաններէն Նազարէթ Նորաշխարհեան, Պապ աղա, Նազարէթ Կիւլվանէսեան, եւն, կը ստիպեն թշնամիին 5000 զինուորները երեք անգամ նահանջել։ Մուրթատլար (կամ Ղալըճենք) գիւղի մարտիկները մէկ ժամ հերոսաբար դիմադրելով, իրենց վրայ եկող 10,000 զինուորներուն, որոնց հետ կային նաեւ 4 թնդանօթներ, անոնցմէ հարիւրաւորներ կը սպաննեն։ Սակայն թշնամին իր անհամեմատելի առաւելութեամբը գրոհ տալով, միշտ կը յառաջանայ, ու բանակէն արձակուող ռումբերը մեծապէս կը վնասեն հայոց ապաստանած տուները։ Դիմադրել այլեւս անհնար ըլլալով, հայեր կրակի տալով իրենց բնակարանները, կ’երթան միանալ` Սանդուխի կիրճը պահպանող մարտիկներուն։ Սակայն քիչ յետոյ, Ավազ Կէտիկի Ճակատին վրայ հիւսիսէն (Ալպիսթանէն) էրիճէքցի 8000 զինուորներ, որոնք նախապէս գաղտագողի եկած եւ Աթլըք լերան ետին պահուած էին, յառաջանալով եւ միանալով Ավազ Կէտիկի` 4000 եւ Աթլըք
166
լերան` 2000 զինուորներուն, կու գան պաշարել հայ քաջերը 14,000 հոգիով, որոնք այդ յանկարծական յարձակումին անվեհեր կերպով կը պատասխանեն ամէն կողմէն։ Դիմադրութիւնը կը տեւէ կէս ժամ, սակայն հայոց վիճակը հետզհետէ ծանրանալով, անոնք կը ճեղքեն թշնամի շղթան, ու կ’անցնին Պէրզինկայի կողմը, Ուղարի անցքին վրայ, հոն կոտորելով հարիւրաւոր զինուորներ։ Րէմզի բաշա այդ օր կը յաջողէր, գաղտագողի ճամբաներով, եւ տեղացի թուրք լրտեսներու առաջնորդութեամբ` քաղաքին վրայ տիրապետող դիրքերը բարձրանալ եւ թնդանօթներով սպառնալ։ Այդտեղ թշնամին, իր ահագին ուժը երկուքի բաժնելով, 7000ը հոն կը պահէ` հայ գունդերը հետապնդելու, եւ մնացեալ 7000ը կ’ուղղէ Սանդուխի կիրճը։ Իսկ Մուրթատլար գիւղի հրկիզումէն վերջ, տեղւոյն վրայ գտնուող 10,000 զինուորները եւս յառաջանալով հարաւէն, 1500 հայ ուժերը կը պաշարեն երեք կողմերէն, 22,000 զինուորներու ահագին բանակով մը։ Ամբողջ կէս ժամ կը տեւէ այդ դժոխային պատերազմը, ուր թշնամին կու տայ հարիւրաւոր զոհեր։ Թշնամին վերջին ու հինգերորդ յարձակում մը եւս կը գործէ Սանդուխի կիրճը։ Թէեւ կ’իյնան դարձեալ բազմաթիւ զօրքեր, բայց իրենց ահագին բազմութեամբ գրոհ տալով հայերու վրայ ու կոտորուելով կը յառաջանան, զի զօրքերուն յետսապահ շղթային պատուիրուած էր, սուինահարել նահանջող զինուորները։ Այս արիւնռուշտ յարձակման անկարելի ըլլալով դիմադրել, երկու ժամ պատերազմելէ վերջ, հայերը կը ստիպուին քաշուիլ եւ բարձրանալ Ագ-Տաղի եւ ԷշէքՄէյտանի Ձորին վերեւը, միանալով տեղւոյն կռուող ուժերուն։ Թրքական այդ յաջողութիւններէն յետոյ, Րէմզի բաշայի բանակին` Ախվախ մնացած ուժն ալ, մօտ 41,000, կը սկսի յառաջանալ դէպի Ագ-Տաղ եւ Էշէք-Մէյտանի։ Թրքական բանակը այսպէս գրաւելով` հայոց Ավազ Կէտիկի, Սանդուխի եւ Մուրթատլատի դիրքերը, կը սկսի միահամուռ կերպով յարձակիլ դէպի Ուղար, Ագ-Տաղ եւ Էշէք-Մէյտանի, ուր կեդրոնացած էին զէյթունցւոց մեծագոյն մասը։ Գրաւման շրջանակը սեղմուելէ վերջ, առաջին յարձակումը տեղի կ’ունենայ Ուղարի անցքին եւ Պէրզինկեան լերան վերի ծայրին վրայ։ Ահագին բանակին հերոսաբար կը դիմադրեն այդ անցքերը փակող բուռ մը հայերը։ Ժամ մը դիմադրութենէ յետոյ, շրջապատուելով Ագ-Տաղի հիւսիսային ծայրը բարձրացած զօրքերէն, հայերը կը ստիպուին տեղի տալ եւ քաշուիլ` Պապիկ բաշա Նորաշխարհեանի պատմական քարայրները1։ Ագ-Տաղի հիւսիսային ծայրն ալ գրաւուելէ վերջ, թշնամին, 20,000 զօրքով, կ’անցնի արեւմտեան կողմը, ուր գտնուող հայերը մէկ ժամու չափ դիմադրելէ վերջ, կը ստիպուին քաշուիլ դէպի հարաւ, ու միանալ Էշէք-Մէյտանին պաշտպանող ուժերուն։ Ամենակատաղի պատերազմը տեղի կ’ունենայ Էշէք-Մէյտանիին վրայ. հայոց
167
դիրքը ըլլալով ժայռերու մէջ եւ Ագ-Տաղի հարաւային գագաթը, թշնամին 40,000 զինուորներով կը փորձէ ճեղքել այդ անցքն ալ։ Վերջին անցքն էր այդ, ուրտեղէն ան այլեւս պիտի իջնէր Զէյթուն։ Ամէն կողմէ ընդդիմադրութիւնը կատաղի կ’ըլլայ. կ’իյնան տասնեակներով զինուորներ։ Զէյթունցւոց ա՛յն թնդանօթը որ զետեղուած էր այդ բաց դաշտի մէջ, կարելի չըլլալով որոշ արդիւնքներ ձեռք բերել, իսկոյն բեռցուելով կ’իջեցուի Զօրանոց։ Հո՛ն կեդրոնացած են իշխաններու մեծագոյն մասը, Աղասիի հետ։ Ամէն կողմէ խրախոյսները կը գոռան։ Ծուխը պատած է ամէնուրեք, ու հազիւ թէ կարելի ըլլայ նշմարել զիրար։ Պատերազմը կը տեւէ ժամը 2-4 (յ.մ.)։ Թշնամին իր բոլոր ուժը հետզհետէ կեդրոնացնելով այնտեղ, հիւսիսէն, հարաւէն ու արեւելքէն անդադար կարկուտի նման կը գնդակահարէ եւ միեւնոյն ժամանակ կը յառաջանայ, որով քաջ զէյթունցիները կը ստիպուին տեղի տալ եւ քաշուիլ դէպի Զօրանոց։ Երբ կը գրաւուի այդ անցքն ալ, իսկոյն Զօրանոց կը քաշուին նաեւ Սաղիր եւ Անէ Ձոր ապաստանող հայերն ալ, որովհետեւ այդ անցքերուն վրայ մնալն անօգուտ կ’ըլլայ, քանի որ Էշէք-Մէյտանին այդ անցքերուն վերեւն ու կռնակն էր։
Ֆռնուզէն` Ապահի վերադարձը Մինչ Ալի պէյի բանակը կ’արշաւէ ու երեք օրուան կատաղի ընդդիմադրութենէ մը վերջ կը գրաւէ ու կը ջարդէ տեղւոյն ժողովուրդը, Րէմզի բաշայի բանակը միւս կողմէն զինուորական օղակի մէջ առած Զէյթունը, բոլոր յարաբերութիւնները խզել կու տայ իր անմիջական շրջակայքէն։ Զէյթունէն յստակօրէն կ’իմացուին Ֆռնուզի պատերազմին սոսկալի ձայները ու կը նշմարուի թանձր ծուխը որ պատած էր այդ կողմերու երկնակամարը. ամբողջ երեք օր, Զէյթունի մէջ ո՛չ մէկ ստոյգ տեղեկութիւն կը հասնի Ֆռնուզի եղերական վախճանի մասին. շփոթ եւ վրդովիչ լուրեր եւ տարաձայնութիւններ շրջան կ’ընեն ապստամբներու շարքերուն մէջ. Ապահի, Հրաչեայի, Բարթողիմէոս վրդ.ի եւ անոնց խումբերու կոտորման մասին լուրեր պակսելով կը սկսին կասկածները աւելնալ եւ այլեւս անոնց նահատակուած ըլլալու զրոյցները կը շրջին։ Ո՛չ ոք գիտէր թէ ո՞ւր կը գտնուէր Ալի պէյի բանակը, որ Ֆռնուզի Ս. Կարապետի վանքը հրդեհելէ յետոյ, ա՛լ չէր երեւցած...։ Անձկութիւնը, տարակոյսը եւ տագնապը մեծ կ’ըլլայ Զէյթունի ժողովուրդին մէջ։ Այդ օր (Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր) կէսօրէն վերջ ժամը 4ին, երբ Զէյթունի մէջ դժբաղդութիւնը ամէն կողմէ կ’աւելնայ հայոց վրայ, Ֆռնուզէն փախչողները կը սկսին գունդ-գունդ դիմել Զէյթուն, մերկ ու անմխիթար վիճակի մէջ։ Ընթերցողները կը յիշեն թէ` Ապահ, Բարթողիմէոս վրդ. եւ Նշան հրաշքով ազատուելէ վերջ` Ֆռնուզը պաշարող թուրք զինուորներու արձակած գնդակներէն, Զէյթունի մօտ հանդիպած էին Զէյթունէն մեկնած Կարապետ Տ. Յակոբ-
168
եանի խումբին, եւ Ապահ լուր ուղարկելով Ֆռնուզ մնացող ժողովրդին, յաջողած էր անոնցմէ 6000 հոգի փրկել ստոյգ մահուընէ եւ ամէնքը միասին զինեալ հայ ուժերու հսկողութեան տակ առաջնորդել Զէյթուն։ Ահա՛ այդ բազմահազար Ֆռնուզցի գաղթականներու կարաւանն էր որ այդ պահուն կ’ապաստանէր Զէյթուն։ Ապահի եւ իր զինակից ընկերներուն երեւումը կ’ողջունուի սրտառուչ գիրկընդխառնումներով ու մեծ ոգեւորութիւն կը յառաջացնէ զէյթունցւոց մարտիկ շարքերուն մէջ։ Հոս հարկ է յիշատակել որ եթէ Զէյթունի վրայ քալող երկու մեծ բանակները տասը օր ալ ուշացած ըլլային, անտարակոյս Ապահ պիտի կարենար իրագործել` Ատանայի նահանգին վրայ իր ծրագրած արշաւանքը, այլապէս ստիպուած պիտի չըլլար` Ֆռնուզի անկումին պատճառով ապաստանիլ Զէյթուն։
Կռիւներ Զօրանոցին շուրջ Երբ կռուող հայ ուժերը հետզհետէ կ’ապաստանին Զօրանոց, թշնամին կը սկսի ռմբակոծութեան. զէյթունցիք եւս յաջող կերպով կը գործածեն իրենց թնդանօթները։ Կռիւը օրհասական կ’ըլլայ այդ նշանաւոր ու վտանգաւոր դիրքերուն վրայ։ Թշնամին չկարողանալով այլեւս յառաջանալ, կը մնայ իր գրաւած տեղերը ու պատերազմը կը դադրի երեկոյեան ժամը 7ին։ Այդ օրուան մեծ ճակատամարտին թշնամին կ’ունենայ 700 սպաննուածներ, իսկ զանազան դիրքերու վրայ, ամբողջ կռիւներու ընթացքին, հայոցմէ կը մեռնին Աւետիք Նորաշխարհեան 18 տարեկան եւ Վարդիվառ Երկայնեան, մին Պապիկ բաշայի իսկ միւսը Առաջնորդական փոխանորդ Տ. Կարապետ քհյ.ի որդին, իրարու տարեկից եւ դասակից երկու խոստմնալից ու կտրիճ երիտասարդներ, իսկ կը վիրաւորուին ընդամէնը դարձեալ երկու զէյթունցիներ։
Զէյթունցւոց կռուելակերպը Երբ Դեկտեմբեր 15ի մեծ ճակատամարտին մէջ, օրն ի բուն կռուելով, տասնեակ մը դիրքեր փոխելով, երեք ժամ երկարութիւն ունեցող զինուորական շղթայի մը վրայ, 5000 մարտիկներով կատաղաբար դիմադրելով թշնամիին 70,000 կանոնաւոր եւ անկանոն հսկայ բանակի մը, ու այս ահաւոր կռուին մէջէն ընդդէմ թշնամիին 700 սպանեալներուն միայն երկու զոհ տալով դուրս գալը, ինքնին անհաւատալի երեւոյթ մըն է զէյթունցիին կռուելակերպին անծանօթ մէկու մը համար։ Պարզե՛նք իրողութիւնը։ Երբ պատերազմը կը սկսի, զէյթունցին գիտէ ինքզինքը պաշտպանել ափ մը քարի ետեւն իսկ. երբեք զէյթունցին բաց տեղ չի կռուիր։ Պատերազմի միջոցին անոր մազերն իսկ կարելի չէ տեսնել իր թաքստոցէն. ան յաճախ պառկած կամ ծնրադրած կ’ըլլայ քարի կամ ղուլայի (մարտկոց) ետին եւ նոյնպէս կ’արձակէ իր
169
գնդակը. միայն տեղէ մը վառօդին ծուխին բարձրանալը կը տեսնուի, ինչ որ գուշակութեամբ պէտք է հետեւցնել թէ այդտեղ զէյթունցի մը կայ. պատերազմի խլուրդ մըն է ան. սողալով կը կռուի, եւ կռուելով ղուլա կը շինէ, կը յառաջանայ, եւ եթէ յարձակում գործել հարկ ըլլայ, այդ խլուրդը` կատաղի մարդու կը փոխակերպուի, որ ակնթարթի թեթեւ շարժումներ ու դարձուածքներ կ’ունենայ։ Զէյթունցւոց, կռուի մէջ յաջողութեան գլխաւոր պայմանն ալ ա՛յն է որ, պատերազմի մէջ եւ սկսած պահուն, յանկարծ կ’աղաղակեն միաբերան` ղուլայէ ղուլա, անդադար կերպով` «ղաղտը հա՛, ղաղտը հա՛, ղաղտը հա՛», «փախօ՛վ հօ՜, փախօ՛վ հօ՜, փախօ՛վ հօ՜» խօսքերը եւ այս պարբերական աղաղակով, զէյթունցին շա՜տ յաղթանակներ տարած է թշնամիին վրայ, ա՜հ ու սարսափ ձգելով անոր մտքին ու սրտին մէջ։ Երկու ուժ ունի այդ «ղաղտը հա՛, ղաղտը» խօսքը. նախ ուժ ու քաջալերութիւն կու տայ իրենց եղբայրներուն, որոնք զանազան կէտի վրայ կը կռուին եւ կարծելով թէ իրաւամբ թշնամիի մէկ մասը փախած է, իրենք ալ կը սկսին աւելի աներկիւղ կռուիլ ու սիրաշահուիլ. երկրորդ, թշնամիին զանազան մասերը շփոթութեան մէջ կ’իյնան առանց զիրար տեսնելու, թէ արդեօք վարի՞ մասն է որ փախած է, եւ վարի մասն ալ փոխադարձաբար կը կարծէ վերի մասին համար, ու այդպէսով, թշնամի բանակին երկու թեւերն ալ միաժամանակ երկիւղի մէջ կ’իյնան ու կը փախչին։ Այդ խօսքերէն վերջ, զէյթունցին կը սկսի նաեւ իր երկրորդ ահաբեկիչ խօսքը` «Ալլա՛հ, Ալլա՛հ, Ալլա՛հ»... եւ գնդակը արձակած ատեն` «Եա՛ Ս. Փրիկիչ», իրենց Ս. Փրկչի վանքին անունով։ Ահա՛ այդ պատճառաւ է որ զէյթունցիներ պատերազմներու մէջ նուազագոյն կորուստներով դուրս եկած են ընդհանրապէս։
Զէյթունցի կինը պատերազմի ժամանակ Զէյթունցի իգական սեռը, ապստամբութեան ատեն, օրուան պահանջքին առջեւ, հրաշալիքներ կը գործէ, եւ իրբեւ բարի կին, գթոտ կարեկցութիւն մը ցոյց կու տայ իր ցեղին թշնամիին հանդէպ։ Զօրանոցի գրաւման օրը (30 Հոկտեմբեր), ամրոցին մէջ ապաստանած երեսունի չափ թուրք քաղաքային եւ զինուորական պաշտօնատարներու կիները, որոնք լալագին զէյթունցիներու ոտքերը կ’իյնային, աղաչելով որ իրենց խնայուի, զէյթունցի կինն էր որ օշարակներով ընդ առաջ կ’երթար եւ անոնց թեւերը մտնելով, կ’ըսէր. «Եկէ՛ք, քոյրեր, մի՛ վախնաք, դուք մեր հիւրերն էք եւ մենք պատրաստ ենք ձեզի հանգստացնելու եւ ապահով ձեր տեղերը ղրկելու...»։ Արդարեւ, ամբողջ շաբաթ մը ամէն տեսակ ասպնջականութիւն վայելելէ ետք, թրքուհիները անվտանգ կը ղրկուին իրենց փափաքած տեղերը։ Զէյթունցի կինը, նոյնպէս շատ մարդասիրաբար կը վարուի գերի զինուորներուն հանդէպ, ամէն օր ընկոյզ, չամիչ եւ ուրիշ ուտելիքներ տանելով անոնց։
170
Մուհապէթճի Մարիամ 1895ի Հոկտեմբերին, Զէյթունի Ս. Աստուածածին վանքին պատկանող եկեղեցւոյ ճգնարանին մէկ անկիւնը, ծնկաչոք աղօթք կ’ընէր կին մը, որուն Մուհապէթճի Մարիամ անունը կու տային տեղացիք։ Այս կինը իր որոշ ժամերն ունէր աղօթելու եւ որոշ ժամերը` մարդիկ ընդունելու իր մօտ։ Իւրաքանչիւր այցելու ակնածանօք կը մօտենար անոր եւ իր տեսած երազին մեկնութիւնը ստանալով կը մեկնէր։ Քիչ անգամ կը պատահէր որ այցելուն յուսահատ կամ դժգոհ բաժնուէր անկէ. ամէն մարդ գոհ էր, որովհետեւ իր ակնկալած պատասխանը ընդհուպ կը ստանար։ Հանրութեան տեսած երազները ընդհանրապէս պատերազմին շուրջ կ’ըլլային, թէ ե՞րբ պիտի վերջ գտնէր ան, ե՞րբ անօրէն թուրքերը պիտի հեռանային, եւն։ Օրուան կարգախօսն էր Մարիամ, ըլլայ տուներէն ներս թէ դուրսը` կրակի գծերուն վրայ։ Ամէնքն ալ մխիթարանքն ու քաջալերանքը իրենց տեսած երազներուն մեկնութեանց մէջ կը փնտռէին2։ Այդ ճգնաւոր Մարիամը ուրեմն բարոյապէս ամենամեծ դերը ստանձնած էր, ժողովուրդը խրախուսելով միշտ, հաւատք եւ սէր ներշնչելով անոնց։ Ահա՛ այս Մարիամն էր որ Դեկտեմբեր 14ի Շաբաթ գիշեր, Ս. Աստուածածնի վանքին ժողովասրահին մէջ գումարուած Քաղաքային Վարչութեան եւ Պատերազմական Խորհուրդին մէկ արտասովոր նիստին ներկայանալով (ուր ընդհանուր զօրակոչի որոշումը կը քուէարկուէր), ի դիմաց Զէյթունի կանանց եւ Սիրական Ընկերութեան, կ’առաջարկէ որ յաջորդ օրուան համար կիներու հանդիսաւոր թափօր մը կազմուի, մասնակցութեամբ քահանայից դասին, ինչ որ ըստ հին սովորութեան տեղի կ’ունենար Զէյթունի պատերազմներու ընթացքին։ Ժողովը, միաձայնութեամբ կ’ընդունի` այդ խրախուսիչ բնոյթ ունեցող առաջարկը։
Խաչ Ալէմը Կիրակի 15 Դեկտեմբերին առաւօտուն, շատ կանուխէն, զէյթունցի պատերազմիկներու երկսեռ խուռն բազմութիւն մը, նախապէս քաղաքի եկեղեցիներուն մէջ հաղորդուելով, երկայն պատկառելի թափօրով մը Զօրանոց կը դիմէ։ Թափօրին առջեւէն բարձրադիր` «Տապանակ Ուխտի»ի նման կը տարուի Քրիստոսի խաչելութեան հինաւուրց եւ հրաշագործ մէկ նկարը, Խաչ Ալէմը, որ այդպիսի ծանրակշիռ պարագաներու տակ մէջտեղ կը հանուէր։ Քահանաները պատարագի զգեստներ կը կրեն, իսկ զէյթունցի կանայք միշտ իրենց սեւ չուլերը, իբր թէ դժոխքի սեւաթոյր մեղաւորները ըլլային։ Ամէնքը միաբերան կ’երգեն Նինուացւոց շարականը, ու երբ կը հասնին Զօրանոցին առջեւ, քահանան իր վերջին արձակումը կու տայ իրենց։ Այդ միջոցին, Զօրանոցին մէջ գտնուող պատերազմիկները, Աղասիի գլխաւորութեամբ, կը խառնուին թափօրին, ու նոյն ապաշխարական շարականներով ու երգերով կը բարձրանան Ագ-Տաղ, պատերազմելու...։
171
Ու Զէյթունի հայուհիները, երբեմնի սպարտացի կանանց այդ արժանաւոր յաջորդները, բաղդի ու փառքի երգեր հիւսելով իրենց ամուսիններուն ու զաւակներուն եւ զանոնք համբուրելով խրոխտաբար կ’առաջնորդեն պատերազմի դաշտը։ Ու դիւցազնուհիները, Էշէք-Մէյտանիէն վերադառնալով Խաչ Ալէմի հետ, իրենց կրօնական պարտականութիւնները կատարելէ վերջ, շատեր գաւազաններ իրենց ձեռքին, կը լեցուին փողոցներու մէջ։ Զէյթունցի կինը ո՛չ միայն Զէյթունի հոգին է, այլեւ պատերազմի ղեկավարիչը եւ հրամանատարը. Ան մի՛շտ ալ եղած է գլխաւոր խրախուսողը իր եղբօր ու ամուսինին։ Եւ այդ օր, անոնք փայտեր առած, տուներու մէջ թէ դուրսը, ամէն կողմ, կռիւէն խուսափող, թուլամորթ հայ տղամարդիկը կը ստիպեն պատերազմի երթալ։
Հերոսուհի Թուրվօնտ եւ թուրք գերիներու ջարդը Զէյթունցի կանայք, Զօրանոցին առումէն ի վեր, անհաշտ էին թուրք գերիները քաղաքին մէջ պահելու եւ կերակրելու գաղափարին, զի քանիցս անոնց լպիրշ նայուածքներէն ու վաւաշոտ ժպիտներէն զզուած, իրենց բողոքը ներկայացուցած էին յեղափոխական պետերուն, եւ այս վերջինները, քաղաքական նկատումներով, ուզած էին յետաձգել` զանոնք կոտորելու համար հայ կանանց բերած առաջարկները։ Միւս կողմէ, յիշեցինք որ` ի դիմաց Զէյթունի Զօրանոցէն գերեվարուած թուրք զինուորներուն, գնդապետ Իֆֆէթ պէյ նամակ մը ուղարկած էր Րէմզի բաշային, Մարաշէն իրենց համար ուտեստ խնդրելով, ինչ որ անհետեւանք մնացած էր, եւ գերիները բոլորովին յուսալքուած, պատեհ առիթի կը սպասէին ինքզինքնին ազատելու։ Անցողակի ըսենք նաեւ որ, Դեկտեմբեր 14ին, երբ Վարդանենք գիւղի պահակները կու գան հաղորդել թրքական բանակին յառաջխաղացումը Զէյթունի վրայ, Աղասի, Նազարէթ իշխան եւ Ասատուր աղա Անդրէասեան, պատերազմական տեսակէտով, առ ի նախզգուշութիւն, յարմար կը նկատեն հաւաքել` Զէյթունի մէջ բնակող հաճըլարցի թուրքերէն բոլոր չափահաս այրերը եւ զանոնք զետեղել` Միացեալ Ընկերութեանց նորաշէն վարժարանին մէջ։ Բայց, այդ օրուայ ահեղ պատերազմին պատճառով, քաղաքը մնացած ժողովուրդը գրգռուելով անոնց դէմ, կը սպառնան զանոնք ջարդել։ Վասիլոսեան Կարապետ բերդատէր իշխանը սակայն, հեռատես նկատումներով, այդ թուրքերը (թուով 23 տուն) իրենց ընտանիքներով կը տեղափոխէ իր տունը, Զէյթունի բերդը։ Հետեւեալ օրը, ընդհանուր զօրակոչի հետեւանքով, 14-70 տարու այրերը կը մեկնին ռազմաճակատ, ու Զէյթունի մէջ կը մնան միայն մանուկները, աղջիկները, կիներն ու ծերունիները, որոնք, Խաչ Ալէմի կրօնական արարողութիւններէն վերջ, իրենց տեղերը կը վերադառնան, եւ ի բացակայութեան այր մարդոց,
172
զէյթունցի կանայք կը ստանձնեն լեռնաքաղաքի պաշտպանութիւնը։ Պատերազմի ճակատէն հետզհետէ եկող անյաջող լուրերը, Ֆռնուզի փախստականներուն խելակորոյս դարձը եւ անոնց սրտաճմլիկ պատմութիւնները, գրեթէ կատաղութեան աստիճանին կը հասցնեն բովանդակ Զէյթունի բնակչութիւնը, մանաւանդ զէյթունցի առիւծասիրտ կիները։ Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 1895, ցերեկէն յետոյ, երբ Րէմզի բաշայի 70,000-նոց բանակը հետզհետէ յառաջանալով կը գրաւէ Էշէք-Մէյտանիի գլխաւոր անցքը, ու երբ բոլոր հայ կտրիճները Րէմզիի հորդաներուն կրակին դէմ կեցած սոսկալի կռիւներ կը մղէին, թուրք բանակէն շեփորով տրուած հրամանով մը կ’ազդարարուէր գերի զինուորներուն, որ գտնուած տեղերնին կրակի տան ու դուրս խուժեն, այդպէսով թէ՛ ամբողջ քաղաքը այրելու եւ ստեղծուելիք խուճապին մէջէն գերի զինուորները փախցնելու եւ թէ՛ մանաւանդ հայ պատերազմիկ կորիւնները երկու կրակի մէջ ձգելու, զի կառավարական պալատը որ Զէյթունի կեդրոնը կը գտնուէր, եթէ վառէր, կրնար ամբողջ քաղաքը հրոյ ճարակ դարձնել։ Իրենց կողմէ, թուրք գերիներն ալ բանակէն եկած շեփորի ձայնէն հրահանգուած, խորհելով թէ այլեւս Զէյթունի անկումը մօտալուտ էր եւ քաղաքի հսկողութիւնը ստանձնող կանայք անկարող պիտի ըլլային դիմադրելու, կ’որոշեն հրդեհել կառավարչատունը, ո՛ւր կը գտնուէին։ Քուրջերէ, ցնցոտիներէ եւ աղտոտ լաթերէ քանի մը խծուծներ կը շինեն, քարիւղի մէջ թաթխելով կը զետեղեն պալատին վերնայարկի սենեակներէն միոյն մէջ, ու բռնկեցնելով, կը պատրաստուին դուրս խուժել, այն 500ի մօտ գերիները, որոնք այնքան երկար ժամանակ Զէյթունի ժողովուրդին աղքատիկ քսակովը մարդասիրաբար կերակրուելէ եւ այնքան մեծարանքներ վայելելէ յետոյ, ապերախտաբար, Զէյթունը մոխիրի վրայ նստեցնելու ամենավատ դաւադրութիւնը յանդգնած էին փորձել...։ Թանձր, հեղձուցիչ մուխը կը պատէ պալատը։ Նոյն պահուն, Զէյթունի տանիքներէն միոյն վրայ, կին մը որ Ճերմակեղէններ կը փռէր, կը տեսնէ պալատին մէջէն բարձրացող ծուխը, յետոյ բոցը։ Վայնասունը կը փրթի, չորս թաղերու տուներէն դուրս կը թափին կիները, եւ քանի մը րոպէի մէջ, հարիւրաւոր լեռնականուհիներ, կացիններով, միսի դանակներով, սուրերով, ուրագներով ու փայտերով զինուած, կ’ուզեն պալատի դուռը բանալ եւ ներս խուժել, երբ մանաւա՛նդ կը կռահեն թէ հրդեհը կանխամտածուած դաւադրութեան մը արդիւնք էր։ Եւ այդ վայրկեանին, զէյթունցի կինը կը փոխուի, կը կարմրի, կրակ կը կտրի, երբ մանաւանդ կը տեսնէ թէ այն խնամուած մարդիկը հրէշներու փոխուած, պիտի այրեն ու ոչնչացնեն իր դարաւոր անձեռնմխելի բոյնը...։ Այդ օր, քաղաքին մէջ բոլոր կիները ինքնագլուխ ըլլալով, կ’ուզեն ներկայացած այդ առիթէն օգտուիլ` գերիները կոտորելու։ Զէյթունցի հերոսուհիներէն
173
մասնաւորաբար` Եէնիտիւնեան թաղեցի Թուրվօնտը, կողակիցը Կարապետ Արապեանի3 (որ հինգ տարիէ ի վեր Հալէպի բանտը կը չարչարուէր ի զուր տեղ) իր սեռակիցներուն գլուխը կ’անցնի։ Պահապանները կ’ընդդիմանան դուռը բանալ, առարկելով թէ արգիլուած է։ Այս անտարբեր պատասխանին վրայ, Թուրվօնտ կը բարձրացնէ իր սուրը եւ կը յարձակի պահապաններուն վրայ, գոչելով. «Քաքանի տղի-տղի-տղայ, ձէ կօսիմ, դուռը բացէք, չէնէ հումմօ ձէ կու կըպցընիմ, բացէք կօսիմ, անաստվօծնի՜...»։ Պահապանները վախնալով այդ վճռական սպառնալիքէն, կը բանան դուռը, եւ կիները մեծ բազմութեամբ ներս կը խուժեն։ Նախ մօտակայ աղբիւրներէն թակոյկներով ու սափորներով ջուր կրելով, անմիջապէս կը մարեն հրդեհը, եւ պալատին դրան առջեւ շարուած, կը հսկեն որ գերիները չփախչին։ Եւ ահա այդ պահուն կը սկսի սոսկալի կոտորածը. տասնեակներով գերիներ վայրկենաբար գետին կը գլտորին։ Մէկուն թեւը, միւսին ծունկը, ուրիշի մը գլուխն է որ կ’անջատուի մարմնէն։ Պալատին երկրորդ յարկին պատշգամը արեան լիճ մը կը դառնայ եւ արիւնը հեղեղի նման կը հոսի տանիքի խողովակէն։ Թուրվօնտը առանձինն 18 զինուոր կը սպաննէ, ուրիշ մը կացինով` 40, 15 տարեկան պատանի մը սուրով` 30։ Իսկ ամէնէն հետաքրքրականը այն կ’ըլլայ որ ուրիշ կին մը, ձեռքը բարձրացուցած ուրագով, կ’աղաղակէ. «Կընկըտա՛ք, Աստըծու վախցէք, Աստըծու խաթըյուն, էյկու հօտ ա իս չընկնի՞, ու յօգիս նոյ սըյեցի...»։ Գերեվարուած գնդապետ Իֆէթ պէյը, որ Կիւլվանէսեան Նազարէթ աղային տունը արգելափակուած էր, իր գտնուած տեղէն ականատես կ’ըլլայ` 9 տարեկան տղեկի մը, որ փոքրիկ խենչարով, կէս ժամուայ մէջ գետին կը փռէ հսկայ զինուոր մը եւ յետոյ կը մորթէ զայն ոչխարի նման։ Այդպէս երբ մէկիկ-մէկիկ 150ի չափ կը ջարդեն, մնացեալ զինուորները տեսնելով հետզհետէ լուրջ հանգամանք առնող իրենց յայտնի կորուստը, կ’ամրափակուին սենեակներու մէջ եւ փայտերով կ’ուզեն դիմադրել։ Թուրվօնտն ալ նկատելով թէ զինուորներուն կողմէ ըլլալիք ինքնապաշտպանութենէն հայոց եւս կորուստ կրնայ պատահիլ, կը զսպէ կիները, եւ կը դիմէ խորամանկ միջոցի մը։ Ան կը մօտենայ փակուած դռներու առջին, եւ թրքերէն լեզուով կը կանչէ զանոնք. «Պ. Աղասին եկաւ, անձնատուր եղէք, ալ մի վախնաք». եւ որովհետեւ զօրքերը միշտ յեղափոխական գործիչներուն հսկողութեանը տակ կը գտնուէին, անոնց անունները լսելով, խումբ-խումբ անձնատուր կ’ըլլան, եւ Թուրվօնտն ալ զանոնք վար տանելով կը յանձնէ իր ընկերակիցներուն, բարեխղճօրէն կատարելու իրենց պաշտօնը...։ Գերի զինուորներուն եւ զէյթունցի հայուհիներուն մենամարտը կը մղուի կատաղի կերպով։ Անոնք, դիակներուն ոտքերէն ու վիզերէն չուան կապելով, կը քաշկռտեն, եւ կը տանին Շուղրի կամուրջէն վար կը թափեն։ Իսկ անոնց մէջէն դեռ ողջ մնացած վիրաւորները, քալեցնելով եւ զանոնք խաբելով թէ բժիշկին կը
174
տանին, եբր կը հասնէին կամուրջին գլուխը, վիթխարի ժայռերու գագաթներէն, 30-40 մեթր բարձրութենէ մը աքացիներով բաւական կ’ըլլար զանոնք Շուղրի անդունդը գահավիժելու։ Վարէն մռնչող Շուղրի գետակին յորդ ալիքները կը քշեն կը տանին բոլոր դիակները, զանոնք ժայռէ զարնելով ու Ջահանի պղտոր ջուրերուն մէջ խառնելով...։ Աղասի տեղեկանալով գերի զօրքերուն վատ արարքը, փախստականներէն մէկը բռնել ու կախել կու տայ կառավարական պալատին դիմացը։ Յուզումը կ’աճի, պատանիներու խումբ մըն ալ Զէյթունի հաճըլարցի թուրքերը կը հետապնդէ, գերի զօրքերուն տարօսին բերելու, բայց անոնք Բասիլոսեան իշխանի բերդին մէջ ապաստանած ըլլալով, ապահով էին իրենց կեանքին համար։ Այդ «կոտորած»ը լրանալէ վերջ, երեկոյեան, երբ Ալի պէյի բանակին առջեւէն հալածական պրծելով, արեւմուտքի ճամբով, Զէյթուն կը մտնէին` Բարթողիմէոս վրդ., Ապահ, Նշան, իրենց խումբով, Շուղրի կամուրջին մօտ, եզերքի աղբիւրին առջեւ, կնոջ մը հանդիպելով որ արիւնոտ շապիկներ կը լուար, Ֆռնուզի փոխվանահայրը կը հարցնէ. - Մենծ անա, չի՞յք կոյ վոլոս հէօտ (Մեծ մայր, հոտ ի՞նչ կը լուայ)։ - Հա՛յր սուրբ, - կ’ըսէ պառաւը, մէկ կողմէն լուալով կարմիր լաթերը, - ղունախըն մէջը կինէօզ էսքէ՛այը ջայդիցոնք, էօնեանց սուտումուտը կոյ վոլոնք (Պալատին մէջ գտնուող զօրքերը ջարդեցինք, անոնց ճերմակեղէնները կը լուանք)։ Այսպէս 410 զինուորէն միայն 56 հատը, դիակներու ներքեւ երկու ժամ ծածկուելով ողջ կը մնան, իսկ մնացեալները թիւով 344 կը սպաննուին` զէյթունցի կանանց արդար վրէժխնդրութեամբ։ Այդ կոտորածը թէեւ հաճելի երեւոյթ մը չէր, բայց սա օգուտն ալ կ’ունենայ որ գերիներու սպառած սնունդը զէյթունցիներուն կը մնայ եւ համաճարակ հրդեհներու առաջքը կ’առնէ։ Այդ որքան բարի ու առաքինի, նոյնքան եւ յանդուգն ու հերոսածին կանայք կ’արդարանային իրենց յախուռն արարքին մէջ. Զէյթուն անգամ մը եւս կը փրկուէր ստոյգ բնաջնջումէ մը` իր արժանի դուստրերուն հերոսավայել ընթացքովը...։
Ապահ կը ստանձնէ Զօրանոցի պաշտպանութիւնը 15 Դեկտեմբերին Կիրակի գիշեր, Պատերազմական Խորհուրդը կ’որոշէ ամրացնել զինուորական շղթան, հայ մարտիկներուն նոր դիրքերը ճշդելով։ Զինուորական շղթան այս անգամ պիտի տարածուէր` Պէրզինկայի լերան ստորոտէն մինչեւ Զէյթունի գետակը, այսինքն կէս ժամ հեռաւորութեան մը վրայ։ Եէնի Տիւնիա թաղեցիներուն կը յանձնուի Քարթօշ քօրի դիրքը. Ս. Աստուածածնի վանքին պաշտպանութիւնը կը ստանձնեն` Աղասի, Նազարէթ իշխան եւ Մլեհ ուրիշ 700 մարտիկներով. Զօրանոցի անմիջական ետին, Պուչաղջոնց Մօտը
175
կը մնան հարիւրեակ մը զէյթունցիներ հաճի Մանուկ Քէշիշեանի հրամանատարութեան տակ. Զօրանոցի պաշտպանութիւնը կը ստանձնէ Ապահ, իր հետ ունենալով` Մէրկէնեան հաճին, Անդրէասեան Ասատուր աղան, Կարապետ Տ. Յակոբեան, Առմինեան հաճի Արթին աղա եւ ուրիշ 150 զէյթունցիներ։ Իսկ մնացեալ Պօզպայիտի եւ Կարկալարի մարտիկները Աւետիք Տէր Ղազարեանի եւ Խաչեր Ուսկունեանի հետ դիրք կը բռնեն Ճապօղ Չայիրի անցքին վրայ։
Բշ., 16 Դեկտեմբեր Չէրքէզներու խորհուրդը Րէմզիին Երկուշաբթի առաւօտուն, թշնամին կը վերսկսի իր յարձակողականին։ Քաջալերուած նախորդ օրուան յաջողութիւններէն, ան կը յուսար ուրիշ նոր դիրքեր եւս գրաւել։ Եւ սակայն ամբողջ երկու ժամ հրացանաձգութենէ վերջ, զէյթունցիք կը մնան ամրացած իրենց դիրքերուն վրայ, հարիւրաւոր զոհեր պատճառելով թշնամիին։ Րէմզի բաշա, այդ պահուն, իր 70,000 զինուորներուն առատ ռազմամթերք բաշխել տալով կը պատրաստուի վճռական յարձակում մը գործել Զէյթունի վրայ կոտորածի ձորի վերեւէն։ Բանակին չէրքէզ խմբապետները սակայն հիմնուած իրենց փորձառութեան վրայ կը հակառակին այդ յախուռն քայլին դէմ, զի անոնցմէ տարեցները կը յիշեցնեն 1862ի Ազիզ բաշայի պատերազմին յիշեալ հռչակաւոր կիրճին մէջ (Պագըր Խաչ) ուրկէ միայն կարելի էր մտնել Զէյթուն, չէրքէզ եւ թուրք զինուորներու թողած անհամար դիակները. անոնք խորհուրդ կու տան հրամանատարին չառնել այդ անխոհեմ քայլը, եւ մինչեւ օգնական նոր ուժերու հասնիլը, զբաղեցնել զէյթունցիները, որպէսզի սպառին անոնց ուտեստն ու ռազմամթերքը։ Չէրքէզ Րէմզի բաշա, իր հայրենակիցներուն խորհուրդը բանաւոր նկատելով, կը հրաժարի յարձակում գործելու գաղափարէն, եւ իր բանակին աւելի շրջահայեաց դիրք մը տալով, մեծ զգուշութեամբ իր զինուորներէն փոքր որսորդախումբեր կազմելով, զանոնք կը ցրուէ Զէյթունի այգեստաններուն մէջ։ Այդ օր կէսօրուան մօտ, Զօրանոցի դէմը գտնուող լեռներէն, թուրք զինուորներ կը ռմբակոծեն քաղաքը. ժողովուրդը փոխանակ ահաբեկուելու, աւելի կ’ոգեւորուի, զի արձակուող ռումբերը չեն պայթիր (ֆալսօ կ’ելլեն). զէյթունցի առիւծասիրտ կիներ ու երեխաներ` թրջուած ցնցոտիներ բռնած ձեռքերնին կ’երթան կը հաւաքեն չպայթած ռումբերը, յետագային անոնց պարունակող վառօդը օգտագործելու համար։ Այդ օր թշնամին կ’ունենայ 600 զինուորի կորուստ, հայոցմէ կը վիրաւորուին երկու հոգի։ Թշնամին չի յաջողիր քայլ մ’իսկ յառաջանալ իր նախորդ օրուան դիրքերէն4։
176
Գշ. 17 Դեկտեմբեր Քարթօշ քօրի կռիւը Այս բլուրը Պէրզինկայի ստորոտը կը գտնուի եւ կը ձեւացնէ մողէզաձեւ քարքարուտներով զառիվայր մը, որուն համար ալ առած է Քարթօշ (մողէզ) անունը։ Թրքական բանակի վերի մասը, Վանքի այգիներուն մէջէն կը յառաջանայ։ Ղաթի եւ Քարթօշ քօրի քաջերը կարկուտի նման գնդակներ կը թափեն թուրք զինուորներուն վրայ։ Առաջին հարուածով տասնեակներով զինուորներ գետին կը փռուին։ Բանակը ատոր վրայ կը նահանջէ, սակայն կը սկսի կատաղի ռմբակոծութիւն։ Զօրանոցի, Ճապօղ Չայիրի եւ Պուչաղջոնց Մօտի հայկական գունդերը կը պատասխանեն։ Թշնամին այդ օր, Զօրանոցին եւ Զէյթունի վրայ կ’արձակէ 210 ռումբ, որոնք սակայն ոչ մէկ վնաս կը պատճառեն։ Հայոց կողմէ կը մեռնին երկու հոգի, որոնցմէ մին Մինաս Ղազեան անունով կտրիճ երիտասարդը։ Դարձեալ նոյն օրուան մէջ, կէսօրին, Զէյթունէն կը լսուի անձնատուութեան անակնկալ փողահարութիւն մը։ Շանըվեան Աւետիս աղան է որ միամտօրէն հնչեցնել կու տայ փողը, իր տան մէջ գտնուող գերի զինուորներէն մէկուն։ Ատոր վրայ, Աւագ աղա Չագրեան, Աւետիք էֆ. Կէսղընեան, Յարութիւն աղա Չօփուրեան, Ստեփան Քուսքուսեան եւ ուրիշ երկու կարեւոր անձեր, կարծելով թէ Զէյթուն իրօք անձնատուր կ’ըլլայ, կ’որոշեն Ալպիսթանի ճամբով Կիւրին երթալ, եւ անկէ ալ ուրիշ ապահով քաղաք մը։ Ասոնք զէյթունցի թուրք երեւելիէ մըն ալ յանձնարարական կ’առնեն ուղղուած իր եղբօր` որ Զէյթունէն իբր 12 ժամ հեռու Քիթիզ կոչուած թրքաբնակ գիւղը կը գտնուէր, ու կը յաջողին ապահովութեամբ այդ գիւղը հասնիլ եւ ծանօթ բարեկամներ գտնել. սակայն երբ կատաղի գիւղացիները կ’իմանան իրենց ներկայութիւնը, իսկոյն կը յարձակին եւ վայրենաբար կը յօշոտեն վեցն ալ, թէեւ բարեկամ համարուած թուրքեր պաշտպանելու տկար փորձեր ալ կ’ընեն...։
Դշ. 18 Դեկտեմբեր Հիւսիսային-արեւմտեան ռազմաճակատ (Ալի պէյի բանակը) Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերին, առաւօտուն, Գաբու-Գաեայի վրայ դրուած հայ պահակները յեղափոխական պետերուն կ’իմացնեն թէ` Ֆռնուզը կոտորող չէրքէզ Ալի պէյի հրամանատարութեան տակ գտնուող 14,000-նոց թուրք բանակը Աւագ-կալ հայաբնակ գիւղը հրդեհելէ վերջ արեւմուտքէն կը յառաջանար Զէյթունի վրայ։ Քաղաքին այդ կողմը բոլորովին անպաշտպան էր, ու բաց թողնուած էր` ազատ ձեռնարկներու, յարաբերութիւններու, աղ եւ ուտեստ բերելու եւ արջառներն արածելու համար։ Բոլոր հայ կռուող ուժերը, հետեւաբար, թուով 6000 հոգի, տեղաւորուած էին Զէյթունի արեւելքը, կիսալուսնի աղեղին նման, փակելու համար քաղաքին մուտքը` Րէմզի բաշայի 70,000 զինուորներուն դէմ։
177
Առանց շուարումի մատնուելու, իսկոյն թէ՛ Ս. Աստուածածին վանքի եւ թէ՛ Զօրանոցի մէջ պատերազմական խորհուրդի նիստեր կը գումարուին. առաջինը Աղասիի, իսկ երկրորդը Ապահի նախագահութեանց տակ։ Պատերազմական ձեռնարկները կը կարգադրուին հետեւեալ կերպով. Վանքի, Քարթօշ քօրի եւ Պուչաղջոնց Մօտի քաջերէն 200 հոգի, Պապիկ բաշայի որդի Աւետիսի եւ ԵէնիՏիւնիա Նշանի հրամանին տակ կ’ուղարկուին` Զէյթունէն 300 մեթր հեռու` արեւմտեան գերեզմաննոցի կողմերը։ Իսկ Զօրանոցէն, Ճապօղ-Չայիրէն եւ Զէյթունէն նոյնպէս դէպի Կարկալար ճամբայ կը հանուին 600 քաջեր` Փանոս Չագրեանի, Ասատուր աղա Անդրէասեանի, Կարապետ Տ. Յակոբեանի եւ Մէրկէնեան Պապայի հրամանին տակ։ Այդ կարգադրութիւններէն վերջ, ռազմամթերքի սակաւութեան պարագան ալ հարկ կ’ըլլայ նկատի ունենալ։ 800 մարտիկներով եւ մէկ օրուայ միայն բաւարարող ռազմամթերքով, կարելի չէր դիմադրել 14,000 զմիւռնիացի զէյպէք զօրքերուն։ Այդ մշուշապատ առաւօտը եւս զէյթունցիի հնարամտութիւնը օգնութեան կը հասնին...։
10,000 այծերու պատճառած խուճապը Նազարէթ իշխան, Աղասի, Մլեհ եւ Վանքին մնացած պետերը վերստին կը խորհրդակցին Ապահի եւ իրեն կողքին` Զօրանոցին մէջ գտնուող զէյթունցի պարագլուխներուն հետ, ու այս անգամ թուրք զինուորներու համազգեստներով կ’ուղարկեն ուրիշ 150ի մօտ ալապաշցի, թավուտցի եւ շիվիլկեցի քաջեր, դէպի Սօլաք-Տէտէի ձիւնապատ գագաթի բլուրները, ուր Հաճի-Տէտէցի հայ գիւղացիներ կ’արածէին 10,000-ի չափ այծեր։ Արդէն այդ լերան վրայ կը գտնուէին` զէյթունցւոց եւ գիւղացւոց 200,000-ի մօտ այծերը։ Թրքական բանակը մեծ ինքնավստահութեամբ կը յառաջանայ մինչեւ այն ձորակը, ուր հայկական գունդերը դարանի նստած են։ Եւ ահա՛ յանկարծ, թրքական բանակի ետեւէն, Սօլախ-Տէտէի բարձունքէն ու կիսաթափանց մառախուղին մէջէն, բանակին վրայ կը թափին 10,150 սեւազգեստ հայ զօրքեր, որոնց 10,000-ը չորքոտանի, իսկ 150-ը միայն երկոտանի զինուորներ են, ու կը սկսին գնդակահարել թշնամին կռնակէն։ Թուրք զինուորները, նախապէս կարծելով թէ բանակի յետամնաց վաշտերն են, որոնք սխալմամբ զիրենք կը հարուածեն, այնքան կարեւորութիւն չեն տար, եւ նոյնիսկ կ’ուրախանան ու կը պատրաստուին` ինքնաբերաբար իրենց մէջ ինկող այծերու այդ երամակները բանակի համար իբր ուտեստի պաշար գործածելու, սակայն պահ մը վերջ, երբ դարանի նստած միւս հայ գունդերը եւս, ահագնագոչ դղրդիւնով հրացաններ կը պարպեն խուճապի մատնուած հսկայ բանակին վրայ, այն ատեն կը սկսի արդարեւ վճռական մեծ ճակատամարտը որ զէյթունցիք կ’անուանեն «Զէյթունի դռներուն մօտ կռիւը»։ Հրացաններու ճարճատիւնին կը յաջորդեն` Զէյթունէն, Վանքէն, Զօրանոցէն
178
ու բոլոր կողմերէ, զէյթունցւոց սովորական աղաղակները. «Ալլա՜հ, Ալլա՜հ» եւ «Ղաղտը հա՛, ղաղտը». նոյն պահուն կը զարնուին նոյնպէս բոլոր եկեղեցիներուն կոչնակները։ Կիներն ու երեխաները ջերմեռանդ կ’աղօթեն, ու ծերունիները կը խրախուսեն ժողովուրդը, ըսելով. «Մի վախէ՛ք, մի՛, լը պլէզ. գեղը չառնըւաց, գեղը վախըֆ է։ Աս պապոնց զրեցք է» (Մի՛ վախնաք, տղա՛ք. Զէյթունը չ’առնուիր, ան վագֆ է)5։ Պատերազմը կը շարունակուի կատաղի կերպով. բանակին 4 թնդանօթները կը գոռան, արշաւող 2 թուրք բանակներու 13 թնդանօթներուն դէմ. Զօրանոցի բակին մէջ կը գտնուէր մէկ թնդանօթ (միւսը զէյթունցիք Զօրանոցէն փոխադրած էին Քերծեր, արեւմտեան ռազմաճակատը)։ Այդ թնդանօթներէն մերթ ընդ մերթ, թշնամի բանակին վրայ ռումբեր կ’արձակէ Փանոս Շամ Քէշիշեան։ Բարթողիմէոս վրդ. որ Ապահի հետ Զօրանոցը կը գտնուէր, «պահպանիչ» մը կարդալով քաջարի հերոսապետին` Փանոսի վրայ, կ’առաջարկէ անոր որ թնդանօթին բերանը ուղղէ` Ալի պէյի բանակին թուրք ամրաձիգին վրայ։ Ընդհուպ կը կատարուի վարդապետին հրամանը, եւ ռումբը առանց վրիպելու ջարդ ու կոտոր կ’ընէ ամրաձիգը, սարսափի մէջ ձգելով հրամանատարը եւ բոլոր զօրքերը։ Զմիւռնիացի հարուստ թուրքերուն ու զէյպէքներուն դիակները իրարու վրայ կը դիզուին։ Խուճապահար բանակին յառաջապահ ու յետսապահ գունդերու շեփորները զիրար կը հակասեն։ Կէսօրին, Ալի պէյ ճարահատ փողով օգնութիւն կը պահանջէ Րէմզի բաշայի մեծ բանակէն։ Քանի մը հազար զօրքեր մեծ բանակէն կ’ուղղուին դէպի ձորը, որպէսզի գետը անցնելով պաշարեն յառաջացող հայերը իրենց կռնակէն։ Այդ պահուն, Ապահ, Զօրանոցէն դուրս խոյանալով, ժողովուրդի քաջերու գլուխն անցած, կ’իջնէ դէպի Ճապօղ-Չայիրի դաշտը, ուր արդէն պօզպայիտցի մարտիկները կը գնդակահարէին` ջուրը անցնիլ ուզող վաշտերը։ Այդտեղ եւս կռիւը շատ բուռն կ’ըլլայ, թուրքեր ի զո՜ւր կը փորձեն ու չեն յաջողիր։ Ալի պէյի բանակին օգնութիւնը կը յապաղի։ Րէմզի բաշա այս անգամ կը փորձէ յարձակիլ` Զօրանոցին, Ճապօղ-Չայիրի, Պուչաղջոնց Մօտի, Քարթօշ քօրի եւ Վանքի վրայ։ Միայն Զօրանոցին վրայ կը յարձակին աւելի քան 30,000 զինուորներ, որուն մէջ Ապահի 150 հոգինոց փոքրաթիւ խումբը կը գտնուէր։ Զօրանոցը սակայն, դժոխքի նման նստած, խուլ` իրեն զարնուած ռումբերուն, անսպառ եւ անընդհատ կրակներ դուրս կու տայ իր ծակերէն. հարիւրներ միաժամանակ կ’իյնան։ Ապահ, Առմինեան հաճի Արթին աղա, Մէրկէն հաճի, վարժապետ Յովհաննէս Ահարոնեան, Փանոս Շամ Քէշիշեան եւ Թօփուզ, անդադար խրախոյսներ կը կարդան, դիւցազնութեան առաջին օրինակները իրենք տալով։ Նոյնպէս Պուշաղջոնց Մօտէն, Քարթօշ քօրէն գնդակի տարափներով զէյթունցիք շուտով ետ կը մղեն Զօրանոցին վրայ յարձակող զօրքերը։ Վանքին մէջ եւս ոգեւորութիւնը
179
աննկարագրելի կ’ըլլայ, ու հերոսական քաջութեամբ ետ կը մղուին Վանքի վրայ եղած յարձակումները, որուն դիրքն ալ Զօրանոցի դիրքէն աւելի անմատչելի էր։ Երեկոյեան դէմ, վերջապէս այծ-զինուորները յաղթանակը կը տանին։ Ալի պէյի զինուորները բոլորովին շփոթուած այդ այծեայ մեծ բանակէն, կը սկսին խոյս տալ դէպի հարաւ եւ Աւագ-կալ։ Հայկական քաջ գունդերը այդ շփոթութենէն ու նահանջէն օգտուելով, դուրս կու գան իրենց մարտկոցներէն, եւ համարձակօրէն կոտորելով, կը հետապնդեն թշնամին մինչեւ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Այդպիսով անոնք կը վերագրաւեն Սօլախ-Տէտէի Չաթօլ-քօրը` Աւագկալէն քառորդ ժամ հեռու։ Զօրանոցի շուրջը եւս ետ կը մղեն թշնամի կատաղի յարձակումները. Ու մայրամուտին պատերազմը կը դադրի։ Ամէն կողմ սեւ այծերու նման փռուած են թուրք դիակներ։ Միայն Կարկալարի կողմը կ’իյնան 2,000, իսկ Զօրանոցի շուրջը 1,500 զինուորներ։ 3500 թշնամի կորուստին դէմ, հայերը կ’ունենան մէկ զոհ` Յակոբ Նօհուտեան անուն քաջ երիտասարդը, որ Զօրանոցի մէջ հերոսաբար կռուած միջոցին, ծակերէն մտած գնդակ մը ճակտին դպչելով, կը նահատակուի։ Կը վիրաւորուին երկու հոգի։ 10,000 այծերէն եւս կ’իյնան 1000 հատ։ Ո՞վ կարող է այդ պահուն զսպել իր ուրախութիւնը` ի տես այնքան սուղ գնուած յաղթանակին ու թշնամիին կուտակուած դիակներուն ու չմրմնջել Պէշիկթաշլեանի հետ. Թրքաց մայրեր թող լա՛ն ու դուն` Ուրա՜խ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։ Գիշե՛ր է. Չաթօլ-քօրի քաջերը, չդիմանալով սաստիկ ցուրտին ու քաղցին, Զէյթուն կը վերադառնան կազդուրուելու համար։ Անդին, Սօլախ-Տէտէի անմատոյց խորշերուն մէջ կրակներ վառած, մի քանի հարիւր հայ քաջեր, կը կոնծեն շիշերով օղիները ու կը թրթռացնեն տամպուրաները, իրենց դիւցազներգութիւնները «աւաչ»ելով։ Իսկ վարը ձորին մէջ առանց կրակի են թրքական բանակները ցուրտին ու ձիւնին մէջ. կը լսուին միայն բրիչներու ու բահերու թխթխացող ձայները...։ Դիակները կը թաղեն...։
Եշ. 19 Դեկտեմբեր Չէրքէզ Մէհմէտ պէկի սպաննութիւնը Րէմզի բաշա, արեւմտեան կազմալուծուած բանակը զօրացնելու համար, Չորեքշաբթի գիշեր, Անէ-Ձորէն դէպի Կարկալարի կողմը կ’անցընէ 3-4000 զինուորներ։ Հինգշաբթի առաւօտ, ամէն կողմէ, թրքական երկու բանակներն ալ կը վերսկսին իրենց յարձակումները, նախորդ օրուայ սաստկութեամբ։ Զօրանո-
180
ցին եւ Վանքին վրայ եղած բուռն յարձակումները միշտ ետ կը մղուին։ Կարկալարի կողմէն արշաւող բանակը այս անգամ կը յառաջանայ երեք թեւերով. մէկ մասը հարաւի այգիներուն մէջէն, ուրիշ մաս մը Սօլախ-Տէտէի կիրճէն ու երրորդ թեւն ալ բարձրէն` դէպի Հէճիւնց բարտը (ղաւխները)։ Երբ միջին թեւը կը յառաջանայ Չաթօլ-քօրէն, հայկական գունդերը իրենց թաքստոցներէն դուրս գալով կը հարուածեն երեք զօրասիւներն ալ, անոնց դէմ աղեղնաձեւ շարուելով։ Նորէն սովորական աղաղակները, ու Զէյթուն կը ծրարուի ծխեղէն ամպերու մէջ։ Ցերեկէն յետոյ, Կոկիսոնի չէրքէզ Մէհմէտ պէկը, իր հայրենակիցներու սէկմէնով մը, վճռական յարձակում մը կը գործէ Հէճիւնց ղաւխներուն շուրջը նստող հայկական գունդին վրայ։ Մէրկէնեան Պապ աղա, Ուսկանեան Խաչեր, Պօղոս աղա Տէր Յովակիմեան եւ Չօլաքեան, որոնք այդ գնդի հրամանատարներն էին, անդադար խրախոյսներ կը կարդան եւ գնդակի տարափներ կը տեղացնեն թշնամիին վրայ։ Անոնցմէ առաջին երեքը սակայն կը զարնուին։ Ատոր վրայ, հայկական գունդը կը նահանջէ. հայոց կացութիւնը բաւական մեծ վտանգի մէջ կ’ըլլայ, բայց նոր պարագլուխներ վարէն հասնելով կը կանգնեցնեն մարտիկներու խումբերը։ Այդ միջոցին կը սպաննուի Մէհմէտ պէկ ուրիշ 25 ցեղակիցներու հետ։ Չէրքէզները ի տես իրենց հռչակաւոր ցեղապետի մահուան, կը նահանջեն։ Պատերազմը կը դադրի իրիկուան 6ին։ Այդ օր, հայոցմէ կը մեռնին չորս աննման քաջեր, իսկ թշնամի բանակներուն կորուստը նախորդ օրուան չափ կ’ըլլայ, մօտ 3000 հոգի։
Ուր. 20 Դեկտեմբեր Ապարդիւն ջանքեր Թուրք բանակին ունեցած անյաջողութիւններէն ու Պոլսէն ստացած խիստ հրամաններէն կատղած, Րէմզի բաշա կ’ուզէ միանգամ ընդ միշտ փակել Զէյթունի հաշիւը, որ իր իսկ խօսքով «Աստուած խաբող, ապալը ֆրէնկներ»է կը բաղկանար...։ Արդարեւ, մոլեզնութեան եւ բուռն յարձակումներու վերջինը տեղի կ’ունենայ այդ օր։ Թուրքերը իրենց բոլոր սուրբերը օգնութեան կը կանչեն, իրենց բոլոր կրօնական արիութիւնը ի գործ կը դնեն։ Պատերագմը կը տեւէ ութ ժամ։ Դարձեալ հազարաւոր դիակներ գետին կը փռուին։ Թշնամիէն արձակուած թնդանօթի ռումբերէն մին Զօրանոցի ներքին հիւսիսային նրբանցքին մէջ իյնալով, Ապահի հրամանին տակ գտնուող 8 հոգինոց հայկական ընտիր խումբի մը վրայ կը պայթի. 4ին մահը վայրկենական կ’ըլլայ, ուրիշ 2 հոգի իրենց ստացած ծանր վէրքերէն երկու օր վերջ կը մեռնին. անոնցմէ մին էր Մարաշլեան Գէորգը, հռչակաւոր թօփուզը, որ Եէնիտիւնեան Պապիկ բաշայի մօրեղբօր զաւակն էր, եւ անոր անձնուրաց թիկնապահը։ Զօրանոցի գրաւման ամենայանդուգն եւ ամենաճարպիկ դերակատարներէն մին եղած էր ան։ Այդ 6 նահատակներէն զատ,
181
լեռնային մարտկոցներու մէջ, կը զարնուին 2 հայ գիւղացիներ եւս։ Պաշտօնապէս կը հաստատուէր թէ վերջին այդ երեք օրուայ յարձակումներու միջոցին, թուրքերը կորսնցուցած էին 7500 զինուորներ եւ շատ մը սպաներ, առանց հաշուելու պաշի պօզուքներու տուած անհամար զոհերը
Շբթ. 21 Դեկտեմբեր Անձնատուութեան հրաւէր Թշնամին ուժասպառ ու բարոյալքուած է, ուստի թրքական բանակներու ընդհանուր հրամանատարը` Րէմզի բաշա ստիպուած կ’ըլլայ փոխելու իր ծրագիրը, եւ ինչ որ բռնի ուժով չի յաջողիր, կ’ուզէ թրքական խորամանկութեամբ գրաւել Զէյթունը։ Մէկ օրուան համար դադրեցնել տալով հրացանաձգութիւնը, զէյթունցւոց լուր կ’ուղարկէ բանակցելու։ Միւս կողմէ օգնական նոր ուժեր կու գան իրեն։ 20,000 աղճատաղցի քիւրտ պաշի պօզուքներ իրենց ընտանիքներով բանակին կը միանան, վրէժ լուծելու` 45 տարի առաջ զէյթունցիներէն իրենց կրած պարտութեան։ Այդ հրաւէրին ի պատասխան, Զէյթունէն Հազօր իշխան Շովրոյեան, Կարապետ Աղա Վասիլոսեան, Տէր Կարապետ քհնյ. Երկայնեան, Պապա աղա Վասիլոսեան, Նազարէթ աղա Կիւլվանէսեան իբր պատգամաւոր կ’երթան թրքական բանակատեղին։ Հայ աղաները հազիւ թէ զինուորական շղթան հասած, ամէնքն ալ կը կողոպտուին։ Րէմզի բաշա, զանոնք մէկ գիշեր իր քով վար դնելէ ետք (թրքական բանակին մեծութիւնը եւ ուժը ցոյց տալու եւ երկիւղ ազդելու դիտաւորութեամբ) յաջորդ առաւօտ զիրենք ընդունելով, կը յայտարարէ թէ կայսերական հրամանով պիտի այրէ եւ հիմնայատակ ընէ Զէյթունը, 15-60 տարեկան բոլոր ժողովուրդը սուրէ պիտի անցընէ եւ ողջ մնացողները Մարաշի մօտ Փազարճըգի ճախճախուտ դաշտերը պիտի բնակեցնէ։ Այս սոսկալի պատուհասէն ազատ մնալու համար պահանջ կը դնէ յանձնել` Նազարէթ իշխանը, Աղասին, Ապահը, Մլեհը, այդ յեղափոխական պետերու հետ կարեւոր դեր կատարող զէյթունցիները, Զօրանոցը, մէջի ռազմամթերքը, գերի զօրքերը եւ վանքը. Ու բոլոր ունեցածնին` զէնք, ստացուածք, կահ-կարասի, անասուններ, թողլով, մէկ խօսքով զինաթափ ըլլալով, իրենց կիներուն հետ երթալ բանակ եւ յանձնուիլ։ Պատգամաւորները առ երեսս յանձն կ’առնեն պայմանները եւ թոյլտուութիւն կը խնդրեն մեկնելու. հրամանատարը քիչ մը դժկամակութեամբ կը թոյլատրէ, սակայն հազիւ թէ քիչ մը հեռացած, անոնց վրայ գնդակներ արձակել կու տայ, որոնցմէ կը վիրաւորուին երկու պատգամաւորներ։ Անոնք կը վերադառնան ու կը ներկայացնեն պայմանները յեղափոխական պետերուն։ Պատերազմական Խորհուրդը, հարկադրաբար կը փակէ քաղաքէն դուրս ելլող բոլոր ճամբաները, զի դուրսէն օգնութիւն մը գալու լուրը կամ հասնիլը անյուսալի ըլլալուն, Զէյթունի մէջ կարգ մը կրօնաւորներ եւ աղաներ, իրենց սովորական վախկոտութեան մէջ
182
ամրացած, այդպիսի աժան հաշտութեան մը մէջ կ’ուզեն տեսնել իրենց փրկութիւնը, կամ գոնէ այդ տեսակ խաղի մը ձգձգումով զբաղեցնել թշնամին, թէեւ ժողովուրդին ստուար մեծամասնութիւնը չ’ուզեր զոհ երթալ խաբեբայութիւններու։ Զօրանոցի քաջերը, Ապահի առաջնորդութեամբ, աւելի քան երբեք անխախտ իրենց դիրքերուն վրայ, կը սկսին հրացանաձգութեան եւ թնդանօթաձգութեան։ Կռուի վերսկսումը արձագանգ կը գտնէ նաեւ միւս մարտկոցներուն մէջ եւս, ու Րէմզի այդպէսով իր լարած սադայէլական հնարքներուն եւ նենգամիտ հրաւէրին արժանաւոր պատասխանը կը ստանար հայոց զէնքի շաչիւններով...։ Նոյն օրը, առաւօտեան մինչեւ իրիկուն, միօրինակ կերպով, անձրեւախառն ձիւն կու գայ։ Վանքի եւ Զօրանոցի մօտերը մինչեւ մէկուկէս կանգուն կը բարձրանայ, եւ իրիկուան դէմ կը սկսի Զէյթունի համբաւաւոր պօրանը (մրրիկ)։ Բնութիւնն ալ այդպէսով իր կողմէն օգնութեան կը հասնի զէյթունցւոց, եւ անոնց թերի թողածները կը լրացնէ, մեծագոյն կոտորած մը եւս ի՛նք տալով կատաղի թշնամիին6։
Կիր. 22 Դեկտեմբեր Պէրզինկայի խուճապահար բանակը Զէյթունցիք վարժ էին` այդ սառնաշունչ փոթորիկին ու զօրաւոր ցուրտին մէ՛ջ անգամ, դիւրութեամբ զէնք գործածել։ Ուստի, իրենցմէ 50 կտրիճներ, թուրք գերի զինուորներու համազգեստին տակ ծպտուած, առիւծասիրտ Եղիա եւ Նշան Նորաշխարհեաններու առաջնորդութեամբ, Ս. Աստուածածնայ վանքէն մեկնելով, կը յաջողին ձիւնասաւաններու թանձր խաւարէն անցնելով, գիշերանց ելլել Պէրզինկայի բարձունքներուն վրայ, թուրք բանակին քղանցքներուն մօտ, ուր ցուրտէն դոդացող զինուորները, կրակներու շուրջ փռուած կը քնանային։ Արշաւախումբը զիրար չկորսնցնելու եւ իրարու չվնասելու կանխահոգութեամբ, իրեն նշանաբան կ’ընտրէ Տէր ողորմեան կրկնել։ Կիրակի առաւօտ կանուխ, այդ խումբ մը զէյթունցիները հրացաններուն ծայրերը անցուցած սուիններով եւ «Եւ Սուրբ փրկիչ» գոչելով կը սկսին նախ առաջին հարուածը տալ փողահար զինուորներուն, ու ապա կ’անցնին միւսներուն։ Այսպէս, 400 թուրք զինուորներ սուինահարելէն վերջ, զէյթունցիներէն իւրաքանչիւրը մէկ-մէկ Մարթինի հրացան ու փամփուշտներ հաւաքած, Պէրզինկայի բարձունքէն դէպի վար խոյանալով, կ’ապաստանին Վանք։ Սուինահար եղող թուրք զինուորներուն ընկերները, անդրադառնալով եղած խաղին, իրենք ալ իրենց կարգին կը սկսին կրակ տեղացնել հեռացող զէյթունցիներուն վրայ։ Սակայն, վտանգին ազդարար փողը չտրուած` երբ հրացանաձգութեան որոտը կը լսուի, բանակին միւս մասը շուարումի մատնուած, կը կարծէ թէ թշնամին արդէն բանակին մէջ մտած` աւերներ կը գործէ։ Ահա՛, ստեղծուած այս շփոթութեան մէջ, բանակին անտեղեակ մասը` վտանգին
183
ուղղութեամբ կը կրակէ։ Այսպէս փոխադարձաբար կոտորածը եւ զիրար խողխողումը ժամեր կը տեւէ, մինչեւ որ գաղտնիքը կը պարզուի, երբ արդէն, մէկ գիշերուան մէջ, այդ խուճապը թշնամիին շարքերէն կ’առնէ կը տանի 4000 զոհեր։ Զէյթունցի կտրիճները, երբ իրենց յաղթական աւարներով կը վերադառնան, ժողովուրդին կը պատմեն այդ սխրագործութեան մանրամասնութիւնները, ու հրացանաձգութիւններով օդը կը թնդացնեն իրենց ուրախութիւնը յայտնելու համար։
Բշ. 23 Դեկտեմբեր Զօրանոցի պաշարման օղակը կը նեղնայ Մշուշը պատած է Զէյթունի լեռներն ու ձորերը, մերձաւոր դիրքերն անգամ անկարելի է զատորոշել։ Օգտուելով այդ աննպաստ օդէն, թուրք բանակէն մի քանի գունդեր, հակառակ զէյթունցւոց ընդդիմութեան, գաղտազողի կը յառաջանան հարաւի կողմէն եւ կու գան դիրք բռնել Զօրանոցի շրջակայքը, դեռ կանգուն մնացած բնակարաններու մէջ, Զօրանոցը վերջապէս պաշարելով երեք կողմէն, ու անոր ելքի դռները փակելով։
Գշ. 24 Դեկտեմբեր Զօրանոցի հրկիզումը Թուրք զինուորները իրենց գտնուած նոր դիրքերէն անընդհատ Զօրանոցի վրայ կը տեղացնեն գնդակները։ Զօրանոցին մէջ, Ապահի հրամանին տակ գտնուող մարտիկներու ռազմամթերքը ամբողջութեամբ կը սպառի։ Վանքէն կամ քաղաքէն անկարելի կ’ըլլայ անոնց օգնութեան հասնիլ, զի թշնամին իր ամրացուցած պաշարման շղթայով, մեկուսացուցած էր Զօրանոցը։ Երեկոյեան ժամը 7ին, Ապահ եւ իր զինակիցները, կ’որոշեն ճակատամարտին նպատակակէտը եղող վիթխարի շէնքին կրակ տալով դուրս ելլել` «Ազատութեան դուռ»-էն։ Առանց վարանումի, հոն գտնուող 400 մարտիկները յարդերուն ամբարները պարպելով, զանոնք կը ցրուեն Զօրանոցին մէջ ու չորս կողմերէն լաւ մը կը բռնկեցնեն։ Տարածուած բոցերուն հետ, աննշմար խոյս կու տան անոնք, ու քաղաք իջնելով կ’ապաստանին իրենց թաքստոցները։ Կրակը կը ճարակէ ամբողջ Զօրանոցը, ու գիշերուան մթութեան մէջ հորիզոնը համակ կը լուսաւորուի։ Մոլեռանդ բանակը այս տեսարանէն ուրախացած, միահամուռ գոռում-գոչումով փառք կու տայ Ալլահին ու Փատիշահին որ Զէյթունի Չանաք-Գալէն եթէ չգրաւուեցաւ, գէթ մէջը գտնուող քանի մը հարիւր զէյթունցիներով այրեցաւ։ Րէմզի բաշան այս լուրը անմիջապէս կը հեռագրէ Կարմիր Սուլթանին եւ Թուրքիոյ բոլոր գլխաւոր քաղաքները, թէ «շնորհիւ Վեհափառ Սուլթանին, Զէյթունի Համիտիէ Զօրանոցին մէջ ապաստանած 400 ապստամբները Զօրանոցին
184
հետ այրեցինք մոխիր դարձուցինք եւ այժմ կարգը եկած է Վանքին ու քաղաքին»։ Զինուորները իսկոյն կ’երթան շարուիլ Զօրանոցին երկու խոշոր դռներուն առջեւ, պատրաստ կրակելու դուրս խուժող ապստամբները։ Անոնք ի զո՜ւր կը սպասեն ակնկալուած որսերու, մինչեւ որ շէնքն ամբողջ հրոյ ճարակ կը դառնայ...։ Թրքական բանակը գիշերը մինչեւ լոյս խնդութեան ու ցնծութեան գագաթնակէտին կը հասնի, ու անհամբերութեամբ կ’ուզէ տեսնել խանձած մարմիններուն կոյտերը։ Թշնամին կարծելով թէ հայերը թակարդի մէջ բռնուած են, ինք ալ դուրսէն կրակ կու տայ Զօրանոցին, այսպէս զրկուելով կարեւոր դիրքէ մը եւ ձմեռնային ապաստանէ մը։ Զօրանոցը շուրջ երկու ամիս գրաւուած կը մնայ հայոց ձեռքը։ Հետեւեալ առաւօտուն, Րէմզիէն ընտրուած քննիչ մարմինը, յուսահատական քրտինքներու մէջ թաթխուած, ի զո՜ւր այրած մարմիններ կը փնտռէ։ Փոխանակ դիակներու, քննիչ մարմնոյ անդամները կը նշմարեն բացուածք մը ուրկէ կ’ենթադրեն կեավուրները յարութիւն առած ըլլալ։ Ի՜նչ յուսախաբութիւն։ Ի՞նչ լուր պիտի տանէին բաշային, եւ ի՞նչպէս պիտի ներկայանային անոր առջեւ...։ Քննիչ յանձնախումբը վերջապէս գլխիկոր կ’երթայ եւ կ’ըսէ Րէմզիին. «Ձեր շնորհիւ այրուած թշնամիներու խանձած դիակները` զէյթունցիները եկած, պատը ծակած ու զանոնք վերցուցած են...»։ Բաշան, այս անհեթեթ լուրէն սաստիկ զայրացած, կը փութայ անձամբ երթալ ու հասկնալ եղածը։ Երբ կը տեսնէ պատին բացուածքը եւ խրամատը, գլուխը երերցնելով, տխրագին շեշտով մը կ’ըսէ. «Զաւակներս, ձեր կարծածին պէս չէ եղելութիւնը. այս գործին մէջ ֆրէնկի խելք կայ. անոնք չեն այրուած, այլ ազատուած են»։ Այս տխուր իրականութիւնը բերնէ բերան թուրք բանակին մէջ շրջան կ’ընէ եւ նախորդ գիշերուան ծայրայեղ ուրախութեան կը յաջորդէ ծայրայեղ յուսալքումը։
«Լինե՞լ թէ չլինել» Դեկտեմբեր 25-ին, տիրող ցուրտին ու ձիւնին պատճառով, հայոց համար անկարելի կ’ըլլայ բացօթեայ դիրքերու վրայ կռուիլ, ուստի անոնք կը քաշուին` արեւելեան ու արեւմտեան քարայրները ու ոմանք ալ քաղաք կ’ապաստանին։ Պատնէշներով կ’ամրացուին քաղաքը առաջնորդող` Պօզպայիտի, Կարկալարի ու Կարսի կամուրջները, եւ այդպէսով հայ կռուող ուժերը կեդրոնացած քաղաքին ու Վանքին մէջ, օրերով կը շարունակեն իրենց կատաղի դիմադրութիւնը։ Դեկտեմբեր 26-29. Րէմզի բաշա քանիցս կը փորձէ հրդեհել քաղաքն ու Վանքը, բայց իր կողմէ ուղարկուած հրձիգները շուտով կը ձերբակալուին ու կը սպանուին։ Դեկտեմբեր 30-ին, կառավարութիւնը Մարաշէն երկու հայեր կ’ուղարկէ,
185
Զէյթունի ապստամբները համոզելով հաշտութիւն կնքել տալու։ Զէյթունցիք կը վռնտեն պատուիրակները, եւ նոյնիսկ իրենցմէ անո՛նք որոնք յուսալքումի նշաններ ցոյց կու տան, զէյթունցի կանայք, յանդիմանելով այդպիսիներուն, կ’ըսեն. «Եթէ կ’ուզէք յանձնուիլ, գացէք յանձնուեցէք թուրք բանակին. մենք մեր զաւակներով պիտի մնա՛նք մեր պատնէշներուն վրայ. ու եթէ երբեք զինուորներ յանդգնին գալ մինչեւ մեր տուները, մենք զանոնք պիտի յօշոտենք մեր ակռաներով»։ Կը պատահին կիներ ալ, որոնք տեսնելով իրենց այր մարդոց թուլութիւնը, կ’առնեն անոնց զէնքերը եւ իրենք կը փոխարինեն զանոնք։ Անսուաղութենէ ու տիրող համաճարակէ մահամերձներն անգամ կ’աղաղակեն իրենց հոգեվարքի հռնդիւններուն մէջ. «Եղբայրնե՛ր, մեռէ՛ք, բայց մի՛ յանձնուիք»։
Ասպատակուհի Կատար 1895ի վերջին օրերն են։ Երկուստեք կռիւները կը շարունակուին։ Կռուող երկու կողմերն ալ գերազոյն ջանքեր կը թափեն յաղթանակի դափնին խլելու համար։ Խզուած են ամէն կողմերու հետ յարաբերութիւնները. կարծես արարաշխարհ գոյութիւն ունենալէ դադրած է, բացի` կրակներու սպառնալիքին տակ եղող Զէյթունէն, որուն հեռաւոր սահմաններուն վրայ, օրը օրին կը կուտակուին սպառնացող թշնամիին հազարաւոր վրանները։ Միւս կողմէ, Րէմզի բաշային` Զէյթունը գրաւելու համար ձեռք առած բոլոր խորամանկ միջոցները եւ թափած ապարդիւն ջանքերը, որոշապէս զգացնել կու տան զէյթունցւոց թէ թրքական բանակը յուսահատած` զինու զօրութեամբ գրաւելէ, այդ ձեւով կ’ուզէր ձգձգել ու ժամանակ շահիլ` եւրոպական միջամտութեան մը չյանգեցնելու համար խնդիրը։ Լաւագոյն կերպն էր ուրեմն որոշապէս հասկնալ բանակին կացութիւնը եւ կառավարութեան նպատակը։ Դեկտեմբեր 30-ին, Ս. Աստուածածնայ վանքին մէջ կեդրոնացած պատերազմական ժողովը, կ’որոշէ ամէն գնով սուրհանդակ մը ուղարկել Մարաշ` տեղւոյն միսիօնարներէն տեղեկութիւն առնելու համար, հակառակ անոր որ մեծ դժուարութիւններով, յեղափոխական պետերը ջանացած էին մինչեւ Հալէպ մարդ ուղարկել, տեղեկագրելով Զէյթունի քաղաքական ներքին կացութիւնը, եւ զինուորական օգնութեան հետ, եւրոպական միջամտութիւն խնդրելով։ Իրենց յայտնի չէր թէ հակառակ ուղարկուած սուրհանդակներուն ձերբակալման եւ նամակներու գրաւման, տեղեկութիւնները հասած էին որոշ հասցէներու եւ հարկ եղած հրահանգները տրուելով, ջանքեր կը թափուէին` Զէյթունի մղած հերոսական կռիւները պատուաւոր հաշտութեամբ մը վերջացնելու։ Այդ վտանգաւոր պաշտօնը կը վստահուի Կատար անունով զէյթունցի քաջ կնոջ մը, որ սիրայօժար կը ստանձնէ զայն, երկու օրէն պատասխանը բերելու խոստումով։ Կատար, այդ ճշմարիտ ու առնական կազմուածքով հերոսուհին, որ իր կեանքը անցուցած էր ասպատակութեամբ, եւ ապստամբութեան առաջին մէկ օրէն
186
ինքզինքը տրամադրած էր Ս. Գործին, իսկոյն կը փոխէ իր հագուստները, ու կը հագուի թիւրքմէն գիւղացիի մը ցնցոտին, տոպրակի մէջ կը լեցնէ հաց եւ ուրիշ ուտելիքներ ու գիշերանց ճամբայ կ’ելլէ։ Հետապնդուելու պարագային, ինքզինք այնպէս ցոյց պիտի տար թէ` թուրք բանակին մէջ ծառայող իր ջորեպան ամուսնոյն հետ եկած եւ գիշեր ժամանակ զիրար կորսնցուցած էին, եւն։ Կատար, հազար ու մէկ վտանգներէ վերջ կը հասնի Մարաշ։ Ցնցոտիներու մէջ խնամքով պահուած պատկառելի կտորը (որուն վրայ պէտք եղած լուսաբանութիւնը պահանջուած էր) հանելով կու տայ ուր որ անկ է, ու փոխադարձ գրուած պատասխանը առնելով, 45 ժամ վերջ Զէյթուն կը վերադառնայ։ Ահաւասիկ ստացուած նամակին օրինակը. Սիրելի պարոններ, Հայ ժողովուրդը միահամուռ աղօթքի մէջ է ձեզ համար։ Դիմադրեցէ՛ք։ Միջամտութիւնը անխուսափելի է։ Կատար, կատարեալ պաշտումի առարկայ եւ օրուան հերոսուհին կ’ըլլայ. ամէն ոք կ’ուզէ նուէրով մը վարձատրել զինք, սակայն ան կը մերժէ բոլոր նուէրները, բացի վեցհարուածեանէ մը` որ հպարտօրէն կողքն ի վար կախ կը ձգէ։ Ժողովուրդին մէջ պահ մը յառաջ եկած յուսալքման երեւոյթները անհետանալով, խանդավառ ցոյցերու տեղի կու տան։ Պատերազմիկները գօտեպնդուած եւ խտացած շարքերով, կը սկսին պաշտպանողական դիրքերէն խոյանալով յարձակողականի անցնիլ։ Ահա՛, թէ ի՞նչ բան կը փոխէ զէյթունցի կնոջ Կատարի փրկարար դերը` այդ օրերուն Զէյթունի ապստամբութեան վիճակուած ճակատագրին վրայ...7։
Շնորհազուրկ զօրավարը Զօրանոցը հրկիզուելէն ի վեր տասը օրեր կ’անցնին։ Կարմիր Սուլթանը, Զօրանոցի վերագրաւման մասին առած ուրախացուցիչ հեռագրէն սրտապնդուած, ժամէ ժամ քաղաքին եւ Վանքին անկման լուրին կը սպասէ։ 31 Դեկտեմբերէն մինչեւ 3 Յունուար 1896 Րէմզի բաշա իր վերջին ջանքերը կը թափէ` քաղաքն ու Վանքը անընդհատ ռմբակոծելով` Զէյթունը գրաւելու։ Եւ սակայն բանակը քայլ մը անգամ չի կրնար յառաջանալ, հակառակ որ կատաղի պատերազմը վերջերը գիշերներն ալ կը շարունակուի, ինչ որ այդ փոփոխութիւնը կ’ենթադրուէր թէ կանխանշանն էր մօտալուտ միջամտութեան մը։ Րէմզիի հասցէին հեռագիրներու տեղատարափ մը կը տեղայ Պոլսէն, պահանջելո՛վ անյապաղ որ իր խոստումը կտրուկ կերպով կատարէ...։ Սակայն, օրեր առաջ, իր ուղարկած հեռագիրներուն մէջ, հարիւրաւոր հայեր այրելու իր տուած հանդիսաւոր խոստումներով հերոսը, որուն յանձնուած էր Զէյթունի շարժումը իր սաղմին մէջ խեղդելու
187
պաշտօնը, իր անձին ու կատարելիք գործին արժէք մը տալու համար, ճարահատ կը պատասխանէ թէ` 10,000 ապստամբներ հաւաքուած են Զէյթուն եւ եթէ ի սպառ ոչնչացնել կ’ուզուի այդ հազարգլխեան վիշապներու բոյնը (Զէյթունը) եւ ապահովել յաղթութիւնը, անհրաժեշտ կը նկատէ իր տրամադրութեան տակ դնել` ուրիշ 50,000 զինուորներու բանակ մը, ինչպէս նաեւ 50 լեռնային եւ 2 դաշտային թնդանօթներ, զի իր հրամանին տակ գտնուող բանակը գրեթէ կազմալուծուած էր Զէյթունի մէջ տիրող սաստիկ ցուրտէն ու ճարակուիլ սկսող հիւանդութեանց պատճառով։ Այս հեռագիրները Եըլտըզը խուճապի կը մատնէ եւ Րէմզի բաշայի ակնկալութեան հակառակ արդիւնք կ’ունենայ։ Համիտ այս պատասխանէն զայրացած, անմիջապէս պաշտօնանկ կ’ընէ Րէմզի բաշան, եւ պէտք կը տեսնէ Զէյթունի գործը յանձնել աւելի կարող զինուորականի մը` Էթհէմ բաշային։
Էթհէմ բաշա վարկաբեկ Իրերու այս կացութեան մէջ, 1896 Յունուարի առաջին օրերուն, Հալէպէն կը հասնի նորընտիր հրամանատար Էթհէմ բաշա, որուն առաջին գործը կ’ըլլայ յայտարարել զէյթունցիներուն որ եթէ զինաթափ ըլլան, Վեհ. Սուլթանը ընդհանուր ներում պիտի շնորհէր իրենց։ Զէյթունցիք կը պատասխանեն որ չեն կրնար վստահիլ Սուլթանին խոստումներուն, ուստի դարձեալ կը շարունակուի կռիւը։ Էթհէմ բաշա, օգտուելով իր նախորդին` Րէմզիին, մշուշապատ վիճակի մը մէջ Զօրանոցը պաշարելու հնարքի գաղափարէն, ինքն ալ կ’ուզէ միեւնոյն ծրագրով գործի սկսիլ ու վերջնական հարուածը տալ Վանքին ու քաղաքին։ Յունուար 4ի Շաբաթ առաւօտն է։ Յարձակողականը միաժամանակ կը սկսի թէ Զէյթունի վրայ եւ թէ Վանքին շուրջ. թնդանօթներ միացած` հազարաւոր հրացաններու որոտին, լեռներն ու ձորերը կը դղրդացնեն։ Դիրքերը պահող հայ քաջերը ամէն կողմ, սեղմ շարքերով ինքնապաշտպանութեան հիանալի ապացոյցներ կու տան, թշնամի գունդերուն մէջ մահ ու սարսափ սփռելով։ Այդպէս, առաւօտեան մութնուլուսէն մինչեւ կէսօր, մինչ անընդհատ կը շարունակուի պատերազմը, յանկարծ թանձր մառախուղը կը սկսի ցրուիլ, ու Վանքը շրջապատելու համար գաղտագողի մօտիկցած հազարէն աւելի զինուորներ, իրենք զիրենք զէյթունցւոց կրակին տակ կը գտնեն։ Ինչպէս ձուկերու երամներ ցամքած աւազանին մէջ, նոյնպէս անոնք, իրենց անպաշտպան դիրքին մէջ, խուսափելու որեւէ հնարաւորութիւն չեն ունենար։ Բաղդորոշ վայրկեանը կը ներկայանայ կտրիճ զէյթունցիներուն, որոնց տեղատարափ գնդակներուն տակ, թշնամի դիակներ կը շեղջակուտուին Վանքին շուրջ։ «Հուռռա»ներու եւ «Կեցցէ»ներու բարձրագոչ աղաղակը մինչեւ Զէյթուն արձագանգելով, արեւմտեան ռազմաճակատին վրայ գտնուող մարտիկներն ալ կ’ոգեւորուին, եւ նորանոր գրոհներով, անոնք եւս իրենց կարգին սարսափ կը
188
ձգեն` Ալի պէյի արդէն քայքայուած բանակին մէջ։ Ա՛յն Էթհէմ բաշան, որ կ’ուզէր մառախլապատ օդէն օգտուելով Վանքն ու Զէյթունը մոխիրի վերածել, նո՛յն մառախուղէն կը տեսնէ ծագիլը զէյթունցիներու յաղթութեան արեւին, որուն առջեւ, խլուրդներու պէս ծակամուտ կ’ըլլան իր կոտորակուած հորդաները։
Զէյթունցւոց հոգեկան կացութիւնը Չէրքէզ Էթհէմ բաշայի եւ Ալի պէյի պարտուած բանակները, թող պահ մը իրենց ձգած հազարաւոր դիակներովն ու վիրաւորեալներովը զբաղին, մենք վերադառնանք շրջան մը ընելու հերոս ժողովուրդի խաւերուն մէջ, տեսնելու թէ հոգեկան ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուէին անոնք։ Նախորդ էջերուն մէջ ընթերցողին ծանօթացուցինք թէ ո՞վ է Մուպարէթճի Մարիամ, եւ թէ այդ օրերուն ինչպիսի՜ կարեւոր դեր մը ստանձնած էր պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդի մը հոգեկան տրամադրութիւնը բարձր պահելու համար։ Այդ Մարիամը, վերջին օրերուն աւելի կը սրբանայ, աւելի կը բարձրանայ ու պաշտումի առարկայ կը դառնայ իր ըրած վերջին գուշակութեանը համար, երբ կ’ըսէ. «Ահա՛ կը տեսնեմ շաբղալը մարդիկ, որոնք շրջապատուած են ոսկեճամուկ զգեստներ հագած ծառաներով», եւ աւելցուցած թէ «վաղը կամ միւս օր լուր պիտի առնէք, որուն վրայ ամբողջ Զէյթունի հայութիւնը ցնծութեան մէջ պիտի գտնուի»։ Այդ յուսադրութեանց վրայ, ժողովրդական խաւերուն մէջ մօտալուտ բարի լուրի մը նախազգացումը արթնցած աճած ըլլալով, ժամէ ժամ բարի խապրիկի մը կը սպասեն ամէնքը։ Ասիկա շատ բնական երեւոյթ մըն է, որ առհասարակ ի յայտ կու գայ թերուս համայնքներու մէջ։ Եւ այս երեւոյթը ամենաբարձր աստիճանին կը հասնի, երբ նկատի ունենանք զէյթունցիներու այդ օրերուն ապրած հոգեկան չափազանց ձգտեալ դրութիւնը։ Երբ ժողովուրդի մը երազներուն ու ցանկութիւններուն իրականացումը կը յապաղի, եւ երբ մանաւանդ մտավախեր կ’արթննան անոր մէջ, այն ատեն անիկա կը մոռնայ կարծես իր հին հաւատքը եւ կը հեռանայ բարեաց բուն աղբիւրին` իր Աստծոյն ապաւինելէ։ Եւ այդ հէգ ժողովուրդը Մարիամին կ’ապաւինի։ Արդարեւ, այդ գուշակութիւնները բոլորովին անիմաստ բաներ չեն ըլլար, եւ յետագայ դէպքերը կու գան անոնց մասնակի ճշդութիւնը ապացուցանելու։ Ու այս պայմաններու տակ, կ’արժէ ոգեկոչել նաեւ 1896ի արիւնոտ տարեմուտը` ապստամբ Զէյթունի ժողովրդային խաւերուն մէջ։ Նախ, ի՞նչպէս կը տօնուէր Նոր Տարին Զէյթունի մէջ։ Գիւղը (Զէյթուն), ձիւնէ ճերմակ թանձր խաւի մը տակ պառկած իր գոյութիւնը կը զգացնէ հեւացող ծխնելոյզներովը։ Պատանիներու խումբեր, Կաղանդին գիշեր դուրս կը թափին իրենց դդումներով ու շողգամներով, ծխնելոյզէ ծխնելոյզ
189
անցնելու, անկէ վար իրենց կերկեռաձայն «Շնորհաւոր Նոր Տարի»ի բարեմաղթութիւններովը նուէրներ հաւաքելու համար։ Եթէ դուրսը իր ձիւնով եւ սառնամանիքով անտանելի է, տուներէն ներս սակայն, տաք «քուշ»ին շուրջ հաճելի է կեանքը։ Այդ օրը թէ՛ հարուստին եւ թէ՛ աղքատին «օճախ»ը շէնշող պէտք է ըլլար որպէսզի ամբողջ տարին ալ միշտ վառ մնար։ Եւ նոր տարւոյ առաւօտուն, արշալոյսէն շատ առաջ, հարսերու եւ աղջիկներու թափօրը, որոնք մօտակայ աղբիւրը կը փութան, Նոր Տարիի առաջին արշալոյսին հետ իրենց սափորները լեցնելու եւ «մուրազ»նուն հասնելու բուռն տենչանքով մը...։ Ահա՛, ուլնեցիին Նոր Տարին իր անսեթեւեթ պարզութեամբ, այլ լի` պատկերով ու խորհուրդով, եւ որ անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր կը տօնուէր բարեպաշտիկ աւանդութեամբ մը։ 1896ի տարեմուտը արտասովոր բան մը ունէր իր մէջ։ Փոքրիկ Զէյթուն լրջօրէն պատերազմի բռնուած մեծ կառավարութեան մը հետ, տագնապալի պահեր կ’անցընէր այդ օրերուն։ Անոր ձիւնէ «սառնամանիք»ին տակ ո՛չ թէ դալարներ, այլ դիակներ, ու տեղացող թնդանօթի անհամար ռումբեր ու գնդակներ, ամբողջ թումբեր ձեւացուցած էին հակամարտ բանակներու միջեւ։ Աղքատին, ինչո՞ւ չէ, հարուստին ալ «օճախ»ն ու «քուշ»ը ո՛չ թէ տաքուկ բնակարաններու, այլ զէյթունցի մարտիկներու ձիւնէ պատնէշներուն մէջ փոխադրուած էին։ Պատանիներու խումբեր, աւելի ճիշդ կազմակերպութիւններ, փոխան «դդում»ի եւ «շողգամ»ի, վառօդ ու արճիճ կապած, մարտկոցէ մարտկոց պիտի խոյանային, ռազմամթերք հասցնելու համար իրենց «գիւղ»ին ծայրագոյն սահմանները պահպանող յեղափոխականներուն։ Իսկ Կաղանդի իրենց արժանի «նուէր»ն ու վարձքը պիտի ըլլար, թրջուած ցնցոտիներով հաւաքել արձակուած եւ չպայթած ռումբերը, օգտագործելու համար անոնց պարունակած վառօդը։ Իսկ այս բոլորին հետ ու բոլորէն վեր, կը մնար Զէյթունի մամիկներուն, հարսերուն եւ աղջիկներուն կատարած փրկարար դերը, որ փոխան տարեգլխու առաւօտուն սափորով «աղբիւր» երթալու եւ միայն իրենց անհատական «մուրազ»նին խնդրելու, անո՛նք, այդ լեռնցի կորիւններուն արժանի էգերը, ձորձեր հագած, «Խաչ ալէմ»ներու թափօրներ կը կազմէին, ապաշխարութիւն, աղօթք, աղաչանք եւ առտնին հոգեր «վասն փրկութեան ազգիս հայոց»...։ Ու 1896ի արիւնոտ տարեմուտը, եթէ ո՛չ բովանդակ հայ ազգին, գէթ «ապստամբ Զէյթուն»ի պիտի բերէր նշանակալից թուական մը...։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Հո՛ն տեղի կ’ունենայ նշանաւոր պատերազմ մը։ Այդ կռիւը մղողները կ’ըլլան Նորաշխարհեան ընտանիքի քաջերը, ինչպէս Նազարէթ իշխան, Նազարէթ աղա Կիւլվանէսեան, Կարապետ իշխան Վասիլոսեան, եւն, իրենց ազգականներովն ու թաղեցիներով,
190
մօտ 100 հոգի։ Զէյթունի կարեւորագոյն պատերազմներէն մէկը կ’ըլլայ այդ, զի վերոյիշեալ երեք իշխանները երբ դէպի անառիկ քարայրները կը քշեն իրենց ձիերը, բազմաթիւ քաջեր կը հետեւին անոնց։ Այնտեղ, ո՛չ միայն ետ կը մղեն թշնամին, այլեւ կ’ազատեն տեղւոյն դիրքերը պաշտպանող մարտիկները, որոնք ստոյգ վտանգի տակ էին, ու եթէ անոնք կոտորուէին, այդ օր թշնամին կը գրաւէր Ս. Աստուածածնայ վանքը, եւ գուցէ շուտով կը մտնէր Զէյթուն։ 2. Իր ճգնաւորի եւ գուշակողի անունով մեծ հեղինակութիւն ունէր Զէյթունի տգէտ, բայց ջերմեռանդ մասին վրայ, եւ իր այդ հեղինակութեամբն է որ շատ օգտակար կը հանդիսանայ ապստամբական գործին։ 3. Յետոյ Աւագկալի վրայ քահանայ կը ձեռնադրուի Տ. Սարգիս անուամբ։ 4. «Չփորձուած գնդակներ» Զէյթունի վրայ ուղղուած 13 թնդանօթներէն արձակուող ռումբերը, մինչեւ այդ օր թուով 400 հատ, մեծագոյն մասամբ հողին թացութեան եւ քաղաքին աղիւսակերտ տուներուն պատճառով, չեն պայթիր։ Զէյթունցիք, անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը հանեն 63 տրամ վառօդ եւ 45 գնդակ։ Այդպէսով, ինչ որ թշնամին իր նպատակին հասնելու համար կը ճգնէր, զէյթունցիք կ’իրականացնէին, այն պայմանաւ որ իրենց մարմնին վրայ չփորձուածները, թշնամիին վրայ կը փորձէին։ Գալով արձակուած կապարներուն, անոնք անհամեմատ աւելի շատ կ’ըլլան, զի տղաներն անգամ, պատերազմի ամենատաք միջոցին, ամէն ուղղութեամբ սուրացող գնդակներուն տակէն վազվռտելով ու պատերն ու հողերը ճանկռտելով կը հաւաքեն գործածուած կապարները։ Այդ տղաներէն իւրաքանչիւրը, մէկ օրուան մէջ, իր հօր կամ եղբօր համար կապարներուն մէջ աւելցած վառօդէն պատրաստած կ’ըլլար 1-2 օխա արճիճ, ինչ որ դատարկ փամփուշտները արագօրէն լեցուելու դիւրութիւն կ’ընծայէին։ Իսկ գործածուած կապարները ինչպէս նաեւ տանիքներու անձրեւի խողովակները, դարբիններու միջոցաւ հալեցուելով գնդակներու կը վերածուէին։ Զէյթունի Կեդրոնական Վարժարանի վարի յարկը եւ ուրիշ քանի մը տեղեր, զէնքի զործարաններու կը փոխակերպուին, ուր փամփուշտները կրկին լեցուելով կը յանձնուին կռուողներուն։ Քաղաքին մէջ վառօդի սպառած միջոցին է որ կ’օգտագործուին արձակուած ռումբերու մէջ պարունակուած վառօդը. իսկ հրապատիճի (գափսիւլ) տեղ ալ լուցկիներու գլուխները կը գործածուին, զոր մոմով կը զետեղուէին փամփուշտներուն վրայ, որպէսզի չիյնան, ինչ որ կատարելապէս կը յաջողէր։ Զէյթունցի կռուողներուն ամենամեծ մասին ունեցած զէնքն էր կայծքարով (չախմախլը) տեղական հրացանը։ 5. Կ’ակնարկուի Զէյթունի եկեղեցիներուն, որոնք, ըստ Սուլթան Մուրատ Դ.ի 1618ին տուած արքայական հրովարտակին, վագըֆ (կրօնական կալուած) նկատուած էին։ 6. Զէյթունի պօրանը։ Այն որ տեսած չէ Զէյթունի ձիւնը եւ պօրանը, մեծ գաղափար մը չի կրնար ունենալ անոր կատարած ջարդի մասին։ Երկինքը երկաթի գոյն կը ստանայ. ձիւնը բամպակի նման կ’աղեղնուի անկէ։ Հսկայ Պէրիտը, ալեզարդ ծերունիի մը նման, ճաղատ գանկով, պահապան հրեշտակ մը կը դառնայ։ Կիրճերը ամիսներով կը փակուին ուղեւորներու առջեւ, եւ ամբողջ բնութիւնը գերեզմանական լռութեան մը վեհութիւնը կը ստանայ։ Ձիւնին ներքեւէն համատարած հեղեղ մը կ’իջնէ դէպի ձոր. եւ յանկարծ իրիկնադէմին կամ գիշերը, օդը կը պայծառանայ, աստղերը կը փայլին ու պօրանը կը
191
սկսի, որ երբեմն մինչեւ շաբաթ մը կը տեւէ։ Պօրանը քամիներու խենթն է, կծող, ծակող եւ տապալող։ Լեռներու կատարներէն հրաբուխի նման ծուխեր կ’ելլեն. ձիւնեղէն հրդեհը կը ծագի, եւ ահեգնագոչ սուլումներով կ’ոլորէ զանոնք եւ դէպի ձորը կը նետէ, անոնց հետ նաեւ ծառեր, վրաններ եւ մարդեր անոնց ներքեւ կը թաղուին։ Երկու ժամուան մէջ մարդը պօրանի ներքեւ ձիւնեղէն արձանի մը երեւոյթը կ’առնէ։ Զէյթունցիք, պօրանի ժամանակ կ’աղաղակեն. «Մեր Աստուածը միշտ Պէրիտի ետեւն է պահուած. ահա՛ կը հասնի իր օգնութիւնը». եւ օգնութեան հասնող այդ եթերային զինուորները արդարեւ պօրանի ներքե՛ւն էին այդ օր։ 7. Ասպատակուհի Կատարի մասին, քիչ մը այլափոխուած, բայց դրուատալից բառերով կ’արտայայտուի միւս կողմէն, Խորհրդային Հայաստանի յայտնի հրապարակագիրներէն Ստեփան Կուրտիկեան իր Հերոսուհիները անուն պրակին մէջ, նուիրուած հայ հերոսուհիներուն (Պետհրատ, Երեւան, 1943, Կարմիր Մարտիկի Գրադարան, No. 6, էջ 5-6)։ Կ’արտագրենք այդ հատուածը. ...Հայ ժողովուրդն իր բազմադարեան ազատագրական պայքարի ընթացքում ունեցել է իր բազմաթիւ այծեմնիկները - իր հերոսուհիները։ Ահա, աւելի ուշ շրջանի, անցեալ դարի վերջերի դիւցազնուհիներից մէկը` զէյթունցի Մարիամը [պէտք է ըլլայ Կատար. Մ. Պ.]։ Բռնակալութեան եւ կեղեքումների դէմ ապստամբութեան դրօշ պարզած զէյթունցիների շարքում, հրացանը ձեռքին, նա կռւում էր արիաբար, իր անձնուէր ու դիւցազնական կերպարով հերոսութիւնների ոգեշնչելով զէյթունցիներին։ Եւ նրանք կռւում էին առիւծի քաջութեամբ։ Զէյթունը մնում էր անառիկ, թէեւ պաշարման երկաթէ օղակի մէջ։ Անցան բազմաթիւ ամիսներ։ Սպառուեց զէյթունցիների ռազմամթերքը։ Այդ մասին թշնամին ոչինչ չգիտէր։ Միակ փրկութիւնը կայանում էր դրսի աշխարհի հետ կապի մէջ։ Սակայն ո՞վ կարող էր ճեղքել թշնամու երկաթէ օղակը եւ կազմակերպել Զէյթունի փրկութեան գործը։ - Ես կ’անեմ այդ, - վճռեց Մարիամը։ Զէյթունցի տղամարդիկ հակառակուեցին։ Ինչպէ՞ս կարելի էր թոյլ տալ, որ թշնամու գիրկը, մահուան գիրկը գնայ մի հայուհի, մի զէյթունցի կին, երբ դեռ տղամարդիկ կենդանի են։ - Ինձ հետ ոչինչ չի պատահի. թշնամուն խաբելու համար նպատակայարմար է որ ես գնամ։ Ես կը գնամ եւ կը կազմակերպեմ Զէյթունի փրկութեան գործը, - հաստատ ու վճռական տոնով կրկնեց Մարիամը։ Ու նա արհամարհելով մահը եւ անարգանքը, անցաւ թշնամի զօրքերի միջով, անցաւ պայծառ ճակատով, որպէս դիւցազնուհի եւ գլուխ բերեց ապստամբ ժողովրդի փրկութեան գործը։
192
ԳԼՈՒԽ Ը. ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ (1896 Փետրուար) Զէյթունի պէս առիւծասիրտ ժողովուրդ մը կոչուած էր ընդհանուր հայութեան ճակատագիրը փոխել, եթէ հայ ազգին պատասխանատու մարմինները իրենց կոչման եւ դերին բարձրութեան վրայ գտնուած ըլլային։ ԱՊԱՀ
Շ
Իզմիրլեան Պատրիարքի ջանքերը եւրոպական միջամտութեան համար ատ դժուարութեամբ լուր հասցնելով Պոլսոյ Պատրիարքարանը` զէյթունցիներու իրական կացութեան մասին, երջանկայիշատակ Իզմիրլեան սրբազանը (Պոլսոյ երկաթեայ պատրիարքը), գիշեր-ցերեկ դեսպաններուն մօտ դիմումներ կը կատարէ ու կը յաջողի վերջապէս Զէյթունի ապստամբութեան համար, եւրոպական միջամտութիւն մը ձեռք բերել։ Եղած դիմումներուն վրայ, թէեւ դեսպանները միջամտելու փափաք կը յայտնեն, սակայն Րէմզի բաշայէն քաղուած յուսադրիչ հեռագիրներէն խաբուած, Սուլթան Համիտ օրուան իր ոստիկանական նախարար` Նազըմ բաշայի թելադրութեամբ խնդիրը կը ձգձգէ, որպէսզի անդին` մորթոտումի ու քանդումի ծրագիրը յաջողցնելով, դեսպանները խաբելէ եւ օրեր ամբողջ խաղցնելէ վերջ կատարուած իրողութեան մը առջեւ դնէր։ Նազըմ բաշա կը մտածէր պատերազմով գրաւել Զէյթունը, «ժանիքաւոր աւազակապետներ»ը փճացնել, եւ ներում շնորհել միայն «աւազակապետներ»ուն յարած մարդոց1։ Սակայն, Համիտ, տեղի տալով խոստովանելի պարտութեան առջեւ, կու տար բանակցելու իր որոշումը` եւրոպական միջամտութեամբ, այնպիսի՛ ատեն մը երբ կը յուսար թէ թրքական բանակին բացած ահեղ կրակին առջեւ, մինչեւ հիւպատոսներուն Զէյթուն ժամանումը, «քար քարի վրայ» մնացած չպիտի ըլլար` ապստամբ արծուեբոյնին մէջ։ Պոլսոյ ֆրանսական դեսպան Պ. Պ. Գամպօն, 3 Յունուար 1896ին, Բարիզ, իր կառավարութեան կը հեռագրէր.
193
Բ. Դուռը այսօր խնդրեց դեսպաններու միջամտութիւնն ու օգնութիւնը` Զէյթունի ապստամբութիւնը դադրեցնել տալու համար։ Պետութիւններու եղած այս դիմումին իմաստը կը բացատրուի այն իրողութեամբ թէ` Զէյթունի մէջ Օսմանեան բանակները լուրջ պարտութիւններ կրած են։
Միւս կողմէ, բանակցութեանց մասին, Ռէօթէրի գործակալութիւնը եւս կը հեռագրէր Պոլսէն` 23 Յունուար 1896 թուականով.
Ընդունուեցաւ վերջապէս պետութեանց դեսպաններու միջնորդութիւնը` ի մասին Զէյթունի ապստամբութեան դադարման եւ ապստամբներու հետ բանակցութեանց սկսումին։ Արտաքին Գործոց նախարար Թէվֆիք բաշան անձամբ հաղորդեց այս որոշումը դեսպաններուն։ Դեսպաններն ալ հեռագրով, իրենց Հալէպի հիւպատոսներուն կատարեալ ազատութիւն տուին այդ բանակցութիւնները վարելու, եւ շարժումը զսպուելէ յետոյ, ապստամբներու կեանքի ապահովութեան մասին ե՛ւս միջոցներ ձեռք առնելու։
Պատմական սխալ է նաեւ ըսել թէ Սուլթան Համիտ պարտուած ու ճարահատ, ի՛նք խնդրեց դեսպաններէն, որպէսզի իրենց հիւպատոսները ղրկեն եւ խաղաղութիւն հաստատեն իրեն եւ Զէյթունի միջեւ։ Ճի՛շդ է, թուրք բանակը ծանր կորուստի ու դժուարութեանց մատնուած էր, բայց երկու կողմէն այնքան մօտեցած էր Զէյթունի, եւ զէյթունցիք աղի պակասին եւ ուրիշ պատճառներով այնպիսի՜ վիճակի մէջ կը գտնուէին, որ այլեւս երկար չէին կրնար դիմադրել։ Եթէ կարենային, ուրիշին խորհուրդին պէտք չունէին։ Պաշարեալ քաղաք մը կամ բերդ մը, ուշ կամ կանուխ կ’իյնայ ու ասիկա ռազմագիտական ընդունուած ճշմարտութիւն մըն է, եւ տակաւին պէտք է նկատի ունենալ որ պաշարեալ Զէյթուն` գիւղաքաղաք մըն էր ու պաշարողը` պետութիւն մը։ Զէյթունի խնդրոյն միջամտութիւնն եւ հիւպատոսներու առաքումը տեղի ունեցաւ Իզմիրլեան պատրիարքին ճարտար ձեռնարկներուն շնորհիւ, որուն կարելի եղաւ շատ դժուարութեամբ լուր հասցնել իրական կացութեան մասին2։
Բարեգուշակ հեռագիրը 1896 Յունուար 5ի Կիրակի առաւօտ, Էթհէմ բաշայի բանակէն թուրք ճերմակ դրօշակակիր զինուոր մը կը յառաջանայ` հայկական դիրքերը պահող ռազմիկներուն եւ կը յանձնէ հետեւեալ հեռագիրը, որ ուղարկուած էր Բերիոյ (Հալէպի) եւրոպական հիւպատոսներէն. Հայոց գլխաւոր վարիչներուն Ի Զէյթուն Հրաման ստացանք մեր դեսպաններէն` միջամտելու համար կայսերական կառավարութեան ու Ձեր միջեւ, եւ Բարձրագոյն Դուռը կ’ընդունի ժամանակաւոր զինադադար մը, սկսեալ միջամտութեան օրէն մինչ բանակցութեանց տեւողութիւնը։
194
Եթէ կ’ուզէք մեր միջամտութիւնը կամ ոչ, շուտափոյթ ազդարարեցէք հեռագրով` Հալէպի Ռուսական հիւպատոսին։ Հալէպ, 4 Յունուար 1896 23 Քեանունի էվվէլ 1311 (23 Դեկտեմբեր 1895) Եաքիմանսքի, Հիւպատոս Ռուսական Պարթհէլէմի, Փոխ-հիւպատոս Ֆրանսական Փարներան, Հիւպատոս Աւստրիական Պարէնհամ, Հիւպատոս Անգլիական Վիթթօ, Հիւպատոս Իտալական Ձօլինկըր, Հիւպատոս Գերմանական։ Այս հեռագիրը մեծ խանդավառութեամբ ժողովրդին կարդացուելէ վերջ, կը հեռագրուի թէ «Կ’ընդունինք, եկէ՛ք»։ Զէյթունցիք, կղզիացած իրենց դիրքերուն մէջ, այնպէս կը հետեւցնեն թէ Հայկական հարցը լուծուած է եւ Հայաստանի Բարենորոգմանց ծրագիրը Սուլթան Համիտ ստորագրած է, եւ չէին կարծեր թէ Հայաստանը այդ օրերուն կրնար արեան ծով դարձած ըլլալ...։ Ստացուած հեռագրին տրուած պատասխանին համաձայն, ըստ օրինի պէտք էր որ զինադադարը տառացիօրէն գործադրուէր, այսինքն կատարելապէս վերնային փոխադարձ թշնամութիւնները, ինչ որ անուանապէս միայն կ’ըլլայ, վասնզի, թէեւ ռմբակոծութիւնը կը դադրի առժամապէս, սակայն ամէ՛ն անգամ որ զէյթունցիք կ’երթեւեկեն քաղաքին փողոցներուն մէջ, անոնք նշաւակ կ’ըլլան բուռն հրացանաձգութեան։ Հետեւաբար, զինադադարի միջոցին, պատերազմիկ երկու կողմերն ալ իրենց դիրքերը անխախտ կը պահեն մինչեւ հիւպատոսներու ժամանումը եւ բանակցութեանց սկսումը։ Այդպէսով, Զէյթունի պաշարման առաջին մէկ օրէն, այսինքն 14 Դեկտեմբերէն մինչեւ 4 Յունուար ամբողջ 20 օրեր, միաժամանակ տեղի կ’ունենան Րէմզի բաշայի, եւ Ալի պէյի 2 հսկայ բանակներու կատաղի յարձակումները 110,000 զինուորներով` ընդդէմ զէյթունցի 6000 մարտիկներու, որոնցմէ միայն 4000ը զինուած։ Իսկ հիւպատոսներու հեռագիրը ստացուելէն մինչեւ անոնց Զէյթուն ժամանումը, այսինքն 5-30 Յունուար ստոյգ է թէ կատաղի պատերազմը իր սկզբնական թափը կը կորսնցնէ, սակայն չի կասիր ամբողջովին, ինչ որ կ’ակնկալուէր` զինադադարի այդ 25 օրերու տեւողութեան։ Հետեւաբար, Զէյթունի պաշարման շրջանին, քաջարի զէյթունցիք, եւ այդ օրերուն հոն ապաստանող բազմահազար գաղթականութիւնը, 45 երկա՜ր օրեր, ձմրան այդ խստաշունչ եղանակին, հերոսաբար եւ անդադար կուրծք կու տան արտաքին թշնամիին ու ներքին դժուարութեանց...։
195
Տնտեսական եւ այլ դժուարութիւններ Մինչեւ հիւպատոսներուն ժամանումը, սովն ու համաճարակը թրքական բանակներուն պակաս թողած աւերները կ’ամբողջացնեն բովանդակ Զէյթունի մէջ։ Քաղաքին մէջ աղի պակասը պատճառ կը դառնայ կարգ մը հիւանդութեանց ճարակումին։ Այդ համաճարակը յառաջ կու գայ գլխաւորապէս անթաղ մնացած դիակներու եւ մեծ թուով` անսուաղութենէ սատկած անասուններու գարշահոտութենէն։ Տարածուած հիւանդութեանց պատճառ կրնայ նկատուիլ նաեւ հացի եւ կերակուրի առանց աղի գործածութիւնը, վասնզի քիչ քանակութեամբ գտնուած աղը, պատերազմի ժամանակ սպառելով, անոր 1000 տրամին գինը մինչեւ 150 դահեկանի կը բարձանայ։ Աղին հետ ալիւրին ու օճառին պակասը եւս զգալի կ’ըլլայ։ Օճառի գործածութեան, մանաւանդ պատերազմիկները, արդէն ժամանակ ալ չեն ունենար. անոնք, ամբողջ օրեր, հարկադրուած կ’ըլլան զգեստ եւ կօշիկ չհանելու, չլուացուելու, որուն իբր հետեւանք, աղտն ու անխուսափելի ոջիլները սաստիկ նեղութիւն կը պատճառեն։ Իբր սննդամթերք, անոնք իրենց տրամադրութեան տակ կ’ունենան երշիկ, ընկոյզ, չամիչ, մեղր, պաստեղ, եւն, ինչպէս նաեւ այծերու եւ այլ արջառներու անլի միսերը, որոնք խորովելով, եւ փոխան աղի` մոխիր դնելով շաբաթներ կը տոկան անսուաղութեան։ Ապստամբութեան վերջին շաբաթներուն, տիրող համաճարակին հետեւանքով, ժողովուրդէն օրական մինչեւ երեսուն հոգի կը մեռնին, մանաւա՛նդ անչափահասներէն։ Կ’արժէ յիշատակել` Պալճեան, Կիւլվանէսեան, Բասիլոսեան, Մերկենեան, Չագըրեան, Անդրէասեան եւ այլ կարող տուներու եղբայրասիրական եւ ընկերասիրական առատաձեռնութիւնները, որոնք թէ՛ պատերազմիկներուն եւ թէ՛ անկարողներուն հաւասարապէս կը բաժնեն իրենց ունեցած հացէն, աղէն, մրգեղէնէն, վառօդէն, կապարէն, եւն։ Հետզհետէ ցուրտին սաստկանալուն հետեւանքով, անտանելի կը դառնայ մանաւանդ` մարտկոցներու ետին դիրք բռնած, բացօթեայ գիշերելը. զէյթունցի մարտիկները կը փորձեն հովիւներու մաղէ վրանները գործածել` իբրեւ ցուրտին դէմ պաշտպանութեան միջոց, բայց չեն կրնար գլուխ հանել ու կը ստիպուին նահանջել, եւ իրենց այդ կարեւոր դիրքերը յակամայս թշնամիին թողլով, կ’ապաստանին Ս. Աստուածածնայ վանքին ու քաղաքի եզերքի տուներուն մէջ։ Այդ տաժանակիր վիճակին, դժուարութեանց եւ աննպաստ պայմաններու մէջ գտնուելով հանդերձ, զէյթունցիք կը տոկան` իրենց ապառաժներէն աւելի տոկուն կամքով` անդրդուելի մնալով իրենց Ուխտին։ Ահա հո՛ս է որ ժողովուրդի մը բարոյական ամենաբարձր արժանիքներն երեւան կու գան իր բոլոր թաքուն կողմերովը, եւ հո՛ս է որ զէյթունցին կը բարձրանայ պատմութեան առջեւ ու կը դառնայ կատարեալ ասպետական
196
սերունդ մը, որուն առջեւ հայ ժողովուրդը պէտք է իր ատենին խոնարհէր յարգալիր, զէյթունցին իր եղբայրական օգնութեան պարտականութիւնը անթերի կերպով կատարած ըլլալով։ Զէյթունցին վայրկեան մ’իսկ չէ վարանած ամենածանր զոհողութեանց առջեւ. զէյթունցի հարուստը, այդ տագնապալի օրերուն, լայնօրէն բացած է իր ցորենի ամբարները փախստական կարօտեալներուն եւ ունեւորներէն մինչեւ յետին չքաւոր քաղաքացին իր հիւրընկալ յարկը յատկացուցած է անպատսպար հայ գաղթականին, ու անոր տրամադրած է ի՛նչ որ ունէր, ի՛նչ որ կրցած էր ունենալ։
Հայ կեանքերու կորուստ Զէյթունի ապստամբութեան ընթացքին (1895 Հոկտեմբեր – 1896 Փետրուար) չորս ամսուայ մէջ, հայ մարտիկներէն (բնիկ զէյթունցի եւ դրսեցի) կը զոհուին 125 հոգի, որոնցմէ 60ը` արիւնահեղ կռիւներու միջոցին, իսկ 65ը զինադադարի ընթացքին վատաբար կը սպաննուին։ Բաց աստի, Զէյթունի մէջ տիրող համաճարակէ եւ այլ պատճառներով` զէյթունցիներէն կը մեռնին 500, եւ քաղաքը ապաստանող շրջակայ հայ գիւղացիներէն իբր 3000 անձ, ամէն սեռէ եւ հասակէ։ Իսկ Զէյթունի նիւթական վնասին հաշիւը տալ անհնար է, զի դէմ դիմաց պատերազմներու պատճառով բանի չէ խնայուած։ Զէյթունցիք ալ իրենց այրուած գիւղերուն վրէժը կը լուծեն` 11 տաճկաբնակ գիւղեր այրելով։
Զէյթունի վրայ արձակուած ռումբեր Պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, վիթխարի երկու թուրք բանակներու կողմէ 13 թնդանօթներով` հայկական դիրքերու վրայ կ’արձակուին աւելի քան 5000 ռումբեր, որոնցմէ 2780 հատը` միայն Զէյթունի վրայ, անոր պաշարման առաջին 20 օրերուն։ Այդ 3000ի մօտ ռումբերէն մեծ մասը (1800 հատը) չեն պայթիր, եւ զէյթունցիք զանոնք կը գործածեն` իրենց դատարկ փամփուշտները լեցնելու համար։
Հիւպատոսներուն ժամանումը եւ բանակցութիւնք Յունուար 30ին Մարաշէն Զէյթուն կը հասնին նախ Անգլիական եւ Ռուսական հիւպատոսները, իսկ Փետրուար 1ին կու գան Ֆրանսական եւ Իտալական հիւպատոսները. այս վերջինը կը ներկայացնէր նաեւ Աւստրօ-Հունգարական եւ Գերմանական հիւպատոսները, որոնք, տիրող սաստիկ ցուրտին պատճառով չէին կարողացած Զէյթուն անցնիլ։ Ասոնք ամէնքը կը հիւրընկալուին` թրքական բանակատեղիին կողմէ, Զօրանոցին մօտ անվնաս մնացած տան մը մէջ։ Իտալական հիւպատոսը` Պ. Էնրիքօ Վիթթօ, որ երիցագոյնն էր, եօթանասնամեայ, պարթեւահասակ ծերունի մը, ալեխառն մօրուքով, ու ձի հեծնելու անկարող, պատգարակով մը կը բերուի Հալէպէն մինչեւ Զէյթուն. այս ծերունի
197
լատին պետական անձնաւորութիւնը երբ կը հասնի բանակատեղին ու կը տեսնէ բանակներու մեծութիւնը եւ պատերազմական խոշոր պատրաստութիւնները, կարծելով թէ Զէյթուն ըսուածը, որուն դէմ ահագին ուժեր կռուեր էին, մեծ ու բազմամարդ, պարսպապատ ու զօրաւոր քաղաք մըն էր, կը հարցնէ թէ «ո՞ւր է Զէյթունը». իրեն ցոյց կը տրուի քաղաքը, սակայն ան, իր տեսածը Զէյթունի մէկ գիւղը կը կարծէ, ու կը փափաքի որ ըսեն իրեն թէ «ո՞ւր կը գտնուի բո՛ւն իսկ մեծ Զէյթունը»։ Երբ կը համոզուի իրականութեան, ապշահար կը դիտէ փոքրիկ քաղաք մը, որ այդչափ ատեն հերոսաբար դիմադրած էր երկու զօրաւոր բանակներու։ Եւրոպայի վեց մեծ պետութեանց ներկայացուցիչները անմիջապէս յարաբերութեան մտնելով Զէյթունի ղեկավարներուն հետ կը հրաւիրեն զանոնք, որ երկու օրէն թրքական բանակատեղին երթան, բանակցութիւնները սկսելու համար։ Երեսփոխանական Ընդհանուր Ժողովը արտակարգ նիստ գումարելով քաղաքին մէջ, բանակցութիւնները վարելու համար բոլոր իշխաններէն եւ գաղթականաց պետերէն ստորագրուած հանրագրութեամբ մը բանակցութեան բացարձակ լիազօրութիւն կու տայ յեղափոխական չորս պետերուն` Աղասիի, Ապահի, Հրաչեայի եւ Մլեհի։ Ասոնց պիտի ընկերանային եկեղեցական չորս պետերը եւ չորս թաղեցիներէն երկուական ներկայացուցիչներ, կազմելու համար Զէյթունի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը։ Ահա՛ անունները բանագնաց մնացեալ անդամներուն. Տ. Բարթողիմէոս վրդ. Թագաճեան, փոխ-վանահայր Ֆռնուզի, Տ. Սարգիս քհնյ. Տիրացուեան, Առաջնորդական փոխանորդ Զէյթունի, Տ. Յովհաննէս վրդ. Կէտիկեան, հոգեւոր պետ կաթողիկէ հայոց Զէյթունի, Պատուելի Կոստան Մումճեան, քարոզիչ հայ բողոքականաց, Հազօր իշխան Շովրոյեան եւ Պետրոս աղա Չագրեան, ներկայացուցիչներ Ս. Յովհաննէս թաղէն, Նազարէթ իշխան Նորաշխարհեան եւ Նազարէթ աղա Կիւլվանէսեան, ներկայացուցիչներ Ս. Լուսաւորիչ թաղէն, Տ. Կարապետ քհնյ. Երկայնեան եւ Կարապետ աղա Բասիլոսեան, ներկայացուցիչներ Ս. Աստուածածին թաղէն, Ասատուր աղա Անդրէասեան եւ Կարապետ Տ. Յակոբեան, ներկայացուցիչներ Ս. Սարգիս թաղէն։ Փետրուար 3ի Երկուշաբթի առաւօտն է։ Ս. Աստուածածնայ վանքի գմբեթէն սկսեալ մինչեւ քաղաքին բոլոր պաշտօնական շէնքերուն վրայ կը ծածանին զանազան վերտառութիւններով ազգային եւ յեղափոխական դրօշակներ։ Ամբողջ քաղաքը եռուզեռի մէջ է։ Հազարաւոր երկսեռ բազմութիւն մը, զինեալ թէ անզէն, վիրաւորեալ թէ ապաքինած, ծեր թէ մանուկ, վանքէն մինչեւ Պօղոս-Պետրոսի
198
կամուրջը տանող ճանապարհին երկու կողմերը, շարա՜ն շարա՜ն կեցած է։ Եկեղեցիներու գմբեթներէն հնչող զանգակներու ձայներու հետ, կ’երեւի` ձիաւոր բանագնացներու թափօրը` 16 անձերէ բաղկացած։ Անոնց անցքին երկայնքը` խուռներամ հաւաքուած ժողովուրդը կը գոչէ. «Երթա՜ք բարով. պատուով ապրի՛լ կամ մեռնիլ։ Կեցցէ՛ Հայաստան. կեցցէ՛ Զէյթուն. կեցցե՛ն մեր կտրիճ առաջնորդները»։ Բանագնաց խումբը` քառասմբակ կը հասնի զինուորական շղթայի սահմանը. այնտեղէն հիւպատոսներուն քավասները, ինչպէս նաեւ Անգլիական եւ Ռուսական հիւպատոսներուն թարգմանները զանոնք կ’առաջնորդեն մինչեւ բանակատեղին ուր պատուաւորապէս կ’ընդունուին։ Հիւպատոսները, հետաքըրքրական ու կարեկցական նայուածքներով պահ մը կը դիտեն` ազատութեան այդ խրոխտ մարտիկներուն դալկացած ու յոգնած դէմքերը, եւ ապա իրենց յուշատետրերուն մէջ կ’արձանագրեն` պատգամաւորներուն անունները, բանագնացներուն լիազօրութիւնը ճշդող հանրագրութիւնը եւն։ Ժողովին կը նախագահէ Իտալական հիւպատոսը, որ ատեանը բացուած յայտարարելով, ֆրանսերէն լեզուով, հետեւեալ խօսքերը կ’ուղղէ Զէյթունի ներկայացուցիչներուն, զոր թրքերէնի կը թարգմանէ Ֆրանսական հիւպատոսարանի թարգմանը. Հայկական խնդիրը մեր պետութեանց սեղանին վրայ կը գտնուի. մենք յատկապէս եկած ենք Զէյթունի համար. յանուն մարդասիրութեան է որ պետութիւնները ուզած են միջամտել, եւ անոնց նպատակն է խաղաղութիւնը վերահաստատել։ Ապա, կը կարդացուի Սուլթանէն եկած հեռագիրը, որ զէյթունցիներուն կը պարտադրէր հետեւեալ երեք պայմանները. 1. Հաշուետուութիւն եւ յանձնում` Զօրանոցէն գրաւուած զէնքերուն, ռազմամթերքներուն եւ գոյքերուն։ 2. Այրուած Զօրանոցին վերաշինութիւնը` զէյթունցիներուն ծախքով։ 3. Խռովարար չորս պարագլուխներուն յանձնումը, դատելու համար զանոնք կանոնաւոր դատարանի առջեւ։ Զէյթունցիք արձանացած կը մնան այս կսկծագին անակնկալին առջեւ. թարգմանը տեսնելով անոնց խոժոռած դէմքերը, կը կռահէ որ Սուլթանի առաջարկները շատ անտանելի ու ծանր եկած էին, ուստի իր երկու ցուցամատները աչքերուն վրայ դնելով, կ’աւելցնէ. Այս առաջարկները աչքերնիդ գոցեցէք եւ ընդունեցէք. ասոնցմէ աւելին չեն կրնար ընել։
199
Զէյթունցիք կը պատասխանեն թէ այդ աստիճան ծանրակշիռ առաջարկներու չեն կարող պատասխանել` առանց ժողովուրդին կամքին դիմելու, եւ կը խոստանան նոյն գիշերը ընդհանուր ժողով մը գումարել եւ երկու օրէն որոշուած պատասխանը բերել։ Բանագնացները դեռ չմեկնած, Էթհէմ բաշա կ’ուզէ առանձինն տեսնուիլ յեղափոխական պետերուն հետ։ Այս վերջինները, հիւպատոսներու ընկերակցութեամբ կ’առաջնորդուին բաշային սենեակը։ Հրամանատարը զիրենք կ’ընդունի ամենայն քաղաքավարութեամբ. բարձրահասակ, լուրջ եւ խելացի արտայայտութեամբ յիսնամեայ զօրավար մըն էր ան3։ Ընդունելութեան պահուն, փաղաքշական բառերով կը ջանայ ընդունիլ տալ առաջարկուած պայմանները, ու կ’աւելցնէ. Կը յուսամ թէ խոհեմ պիտի գտնուիք ձեր որոշման մէջ, ինչպէս որ գիտցաք քաջ ըլլալ կռուին ժամանակ։ Յեղափոխականները ի պատասխան այդ խօսքին, կ’ըսեն թէ Ապստամբելու մեր գլխաւոր նպատակն էր արդարութեան հիման վրայ հաստատել վարչաձեւ մը, եւ եթէ պիտի տրուէր պահանջուածը, հայերը պատրաստ էին իրենց զէնքերը վար դնելու։ Գրեթէ բոլորովին յուսախաբ վիճակով քաղաք կը դառնան պատգամաւորները, եւ կայծակի արագութեամբ լուր կը ղրկեն իրենց կռուող խումբերուն, որ տակաւին ամուր պահեն իրենց դիրքերը եւ իրենց տեղերէն չերերան, կազմ ու պատրաստ գտնուին միշտ, հակառակ պարագային կռիւը վերսկսելու համար։ Գիշերը կը գումարուի մեծ ժողով մը, ուր թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակութենէ վերջ, կը խմբագրուի զէյթունցւոց հակառաջարկներու բանաձեւը, որ զգալիօրէն կը տարբերէր Բ. Դրան պահանջներէն։ Ահա՛ զէյթունցւոց ներկայացուցած ութ պայմանները. 1. Ընդհանուր ներում (առանց որեւէ պայմանի)։ 2. Զէյթունցիք կը խոստանան յանձնել` Զօրանոցէն գրաւուած պատրաստ զէնքերն ու թնդանօթները, պայմանաւ որ պակասներն ու կորսուածները խստութեամբ չպահանջուին, ու նոյնը պարտադրուի նաեւ մահմետական ազգաբնակչութեան։ 3. Զէյթունցիք նիւթական անկարելիութեան մէջ կը գտնուին` այրուած Զօրանոցը եւ զինուորական տուները վերաշինելու եւ վնասները տուժելու։ 4. Զէյթունցիք խռովարար անձեր չունին. եթէ այդ բառով զէնք բռնողներու կ’ակնարկուի, իրենք ամէնքն ալ, մինչեւ իսկ կիները, լոկ ինքնապաշտպանութեան համար հարկադրուած էին զէնքի դիմել եւ կռուիլ։ Իսկ եթէ Զէյթուն գտնուող նորեկ հիւրերուն (Հնչակեան պարոններուն) համար է, զէյթունցիք բացարձակապէս կը մերժեն թուրք
200
կառավարութեան յանձնել անոնց անո՜ւշ հոգիները, հակառակ պարագային կը սպառնան շարունակել պատերազմը։ 5. Զէյթունցիք այլեւս թուրք կառավարութեան տուած խոստումներուն վրայ չեն կրնար վստահիլ, եւ կը պահանջեն քրիստոնեայ կառավարիչի մը նշանակումը, կամ քրիստոնեայ վարչութիւն (քրիստոնեաներէ բաղկացեալ վարչական խորհուրդ) Զէյթունի համար։ 6. Զէյթունցիք կը մերժեն` մինչեւ եօթը տարի հարկային տուրք վճարել, նկատելով որ Զէյթունի բոլոր այգիներն ու ծառաստանները (վերջին դէպքերուն պատճառաւ) թուրք զինուորներու կողմէ փճացուած են, եւ ահագին վնասներու ենթարկուած։ Եօթը տարիէն վերջն ալ պէտք է տուրքերը զեղչուին։ 7. Բանակցութիւնք կարենալ շարունակելու համար, զէյթունցիք կը պահանջեն թուրք բանակներու հեռացումը` Զէյթունի անմիջական սահմաններէն։ 8. Մեծ պետութիւնք պէ՛տք է երաշխաւորեն վերոյիշեալ պայմաններու խստիւ գործադրութիւնը։ Բացի այս բանաձեւէն, զէյթունցի կանանց անունով կը պատրաստուի Ընդարձակ յուշագիր մը, որուն մէջ կը պատկերացուէր զէյթունցւոց կրած տանջանքները եւ իրենց հանդէպ կատարուած անիրաւութիւնները թուրք պետական պաշտօնեաներու կողմէ։ Այդ յուշագրին մէջ, իր բոլոր մանրամասնութիւններով երեւան կը հանուէր թուրք կառավարութեան զործադրած գաղտնի մեքենայութիւնը` այդ հերոս ժողովուրդը բնաջինջ ընելու համար, եւ այն պատճառները զորս մղած էին ապստամբութիւն հռչակելու։ Զէյթունցի կանայք իբր վերջաբան իրենց յուշագրին, կը խնդրէին հիւպատոսներէն որ այն պարագային երբ իրենց գիտութեամբ նախկին անկազմակերպ վարչաձեւը շարունակուէր Զէյթունի մէջ, կը նախընտրէին սպաննուիլ հիւպատոսներուն իսկ կողմէ, քան ենթարկուիլ ստրուկ կենցաղի։ Երկու օր յետոյ, բանագնացները միեւնոյն խանդավառ ցոյցերուն մէջ, հիւպատոսներուն մօտ կ’երթան, եւ անոնց կը մատուցանեն` յեղափոխական վարիչներու կողմէ (զէյթունցի կանանց անունով) պատրաստուած Ընդարձակ յուշագրին հետ` հայ պատերազմիկներու բանաձեւած պայմանները, զորոնք ուշադրութեամբ կարդալէ վերջ, կը հաւաստեն թէ այդ բոլորը պիտի ենթարկուի Պոլսոյ իրենց դեսպաններուն հաւանութեան եւ արդիւնքը պիտի հաղորդուի Զէյթունի վարիչներուն։ Այդ օր, իտալական հիւպատոսը, Հնչակեան գործիչներէն Աղասին ու Ապահը հետն առնելով, քանի մը քայլ անդին կը մեկուսանայ եւ անոնց կ’ըսէ. Զարմանալի կը թուի մեզի, ձեր համակերպութիւնը, մանաւանդ որ սկսուած օրէն կռիւը ձեզի նպաստաւոր եղած է. թերեւս դուք տեղեկութիւն չունիք թէ Եւրոպա ի՞նչ տրամադրութիւն ունի ձեզի հանդէպ, ուստի բարեկամաբար ձեզի խորհուրդ կու տամ որ ետ կենաք համակերպելէ, այսինքն այնպիսի մեծ պահանջումներ ընէք որ մենք ստիպեալ տեղերնիս
201
վերադառնանք, եւ դուք կրկին ձեր կռիւը շարունակէք քանի մը օր եւս, եւ ահա այն ատեն ձեզի շատ աւելի նպաստաւոր որոշումներ տալով հաշտութիւն կը կնքենք։ Իր խօսակիցները սակայն կը յայտարարեն թէ իրենք բաւական տեղեակ են Եւրոպայի մէջ անցած դարձածին, բայց քանի որ ամբողջ Զէյթուն պաշարուած է թուրք զօրքերէն եւ շղթայի ներքեւ առնուած, եւ ապրուստի վերաբերեալ որեւէ բան ներմուծել անկարելի էր (զի ա՛ղ անգամ չկար Զէյթունի մէջ), եւ այդ պայմաններու տակ թուրք կառավարութիւնը պաշարուած պիտի պահէր Զէյթունը, ու նկատելով որ քանի մը օրուան յապաղումը կրնար ապստամբ ժողովուրդը անօթութենէ մեռցնել, ուստի հաշտութիւնը նախամեծար կը համարեն, քան շարունակել պատերազմը, ու կը խնդրեն որ այդ մասին իր խորհուրդն ու կարծիքը յայտնէր։ Իտալական հիւապատոսը, այս բացատրութիւնները ուշի ուշով լսելէ վերջ, թաշկինակը իր աչքերը տանելով, արտասուքը կը սրբէ ու կը յարէ. Այս վիճակին մէջ արդարեւ հաշտութիւնը նախամեծար կը սեպեմ եւ կռիւը շարունակելնիդ աղէտաբեր կը նկատեմ։ Ուրեմն երթանք գործը վերջացնենք, վիճակնիդ ցաւալի է. այլեւս հարկ չկայ սպասելու։ Բանագնացները հիւպատոսներուն հրաժեշտ տալով, տասնեակ հազարաւոր հետաքրքիր թուրք զինուորներու մէջէն անցնելով կը վերադառնան Զէյթուն։ Հոս կ’արժէ յիշատակել թէ ի՞նչպէս կը կատարուէին բանակցութիւնները։ Հիւպատոսները զէյթունցիներուն առաջարկները կամ պատասխանները հեռագրով կը հաղորդէին Պոլիս իրենց դեսպաններուն, որոնցմէ առնուած պատասխաններն ալ կը հաղորդուէր ընդհանուր հրամանատար Էթհէմ բաշային. իսկ հրամանատարը իր կարգին հիւպատոսներուն առաջարկները կը հեռագրէր Պալատ եւ ընդունուած հրահանգները ապա հիւպատոսներուն միջոցաւ կը հաղորդուէին զէյթունցիներուն։ Ահա՛ այդ էր պատճառը որ բանակցութիւնները կը սկսին Փետրուար 3ին, եւ կը տեւեն ամբողջ շաբաթ մը։
Հաշտութեան կնքում Երկուշաբթի, 10 Փետրուարին, թրքական բանակատեղիէն վերստին հրաւէր ստանալով, Զէյթունի բանագնացները, նախորդ անգամուան պէս, միեւնոյն շուքով, կ’երթան ու սիրալիր կերպով կ’ընդունուին։ Այս անգամ, Եւրոպայի վեց մեծ տէրութեանց ներկայացուցիչները կ’աւետեն թէ իրենց դեսպաններուն` Սուլթանին մօտ կատարած ագդու միջամտութեան շնորհիւ, կարելի եղած է նպաստաւոր պայմաններ ձեռք բերել, ինչ որ ապացոյց էր թէ բանակցութիւնք վերջ կը գտնէին այդ օր։
202
Սոյն հակիրճ յայտարարութենէն ետք, մի առ մի կը կարդացուին հաշտութեան պայմանները, որոնք բանագնացներու կողմէ կ’ընդունուին եւ երկուստեք կը ստորագրուին, հիւպատոսներու խանդավառ արտայայտութեանց մէջ։ ԿՆՔՈՒԱԾ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ Թուրք եւ Հայ Հաշտութեան Դաշնագիր Ընդմէջ Օսմանեան Կայսրութեան Օգոստափառ Կայսեր Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի եւ Ապստամբ Զէյթունի Պաշտօնական Պատուիրակութեան Միջնորդութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ` Ռուսիոյ, Իտալիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ Եւրոպական Վեց Մեծ Պետութեանց Կ. Պոլսոյ Դեսպաններուն Փոխանորդութեամբ` իրենց Հալէպի Հիւպատոսներուն Ի դիմաց Կայսերական Կառավարութեան Լիազօր բանագնաց նշանակուած` Զէյթունի վրայ արշաւող Կայսերական բանակներու Ընդհանուր Հրամանատար` Միւշիր Էթհէմ Բաշա. Կայացած Զէյթունի Զօրանոցին մօտ, Կայսերական Բանակատեղիին մէջ, Երկուշաբթի, 10 Փետրուար 1896ին (ն.տ.) 26 Շապան, 1313 Վաւերացուած` Կ. Պոլսոյ Դեսպաններուն միջոցաւ Ապտիւլ Համիտ Բ.ի Հրովարտակով
Երկուստեք համաձայնուած է.
Յօդուած Ա. Հնչակեան պարագլուխներու հեռացում Զէյթունցիք բացարձակապէս կը մերժեն Օսմանեան Կառավարութեան յանձնել իրենց Հնչակեան Պարագլուխները։
Յօդուած Բ. Արտասահմանէն եկած Պարոններ անունով ծանօթ, Զէյթունի Հնչակեան չորս
203
պարագլուխները (Աղասի, Ապահ, Հրաչեայ եւ Մլեհ), իրենց երկու թիկնապահներով (Նշան Ղազարոսեան եւ Կարապետ Սուքեասեան), պիտի ձգեն օսմանեան հողը։ Այս առթիւ, Բ. Դուռը երաշխաւորութիւն կու տայ մեծ պետութեանց Կ. Պոլսոյ դեսպաններուն, որ այդ Հնչակեաններու մեկնումը մինչեւ Եւրոպա պիտի կատարուի ապահով ու անվնաս կերպով եւ հարկ եղած պատուով, անոնց ճանապարհածախսը պիտի հոգայ Կայսերական Կառավարութիւնը։ Յօդուած Գ. Բանակցող հիւպատոսներու միջոցաւ, դեսպանները երաշխաւորութիւն կու տան վեց Հնչակեաններուն` Յօդուած Բ.ի ճշգրիտ գործադրութեանը, այնպէս ինչպէս կը կատարուի եւրոպական հիւպատոսներուն եւ հպատակներուն նկատմամբ։
Յօդուած Դ. Ընդհանուր ներում Կայսերական ընդհանուր ներում (amnistie) ո՛չ միայն զէյթունցիներուն, այլ եւ Զէյթունի մէջ ապաստանած փախստականներուն։
Յօդուած Ե. Քրիստոնեայ փոխ-կառավարիչ Քրիստոնեայ փոխ-կառավարիչ մը (Գայմագամ) պիտի անուանուի Զէյթունի համար, որ պիտի ընտրուի եւրոպական երաշխաւոր պետութեանց հաւանութեամբ։
Յօդուած Զ. Ոստիկանութիւն Զէյթունի ոստիկանութիւնը (gendarmerie), հարկահաւաքները, եւ կառավարական բոլոր պաշտօնեաները պիտի ընտրուին զէյթունցի բնիկներէն։ Յաւելուած Յօդուած Ե. եւ Զ.ի շօշափած հարցերը պիտի կարգադրուին պետութեանց կողմէ առաջարկուած «Ընդհանուր Բարենորոգմանց ծրագիր»ին հետ։ Յօդուած Է. Յետամնաց տուրքերու շնորհում Զէյթունցիները պիտի չվճարեն յետամնաց տուրքերը (պագայէ) եւ հինգ տարուայ պայմանաժամով, տուրք վճարելէ ազատ պիտի ըլլան։ Ծանօթ. Յետամնաց տուրք ըսելով կը հասկցուի, տասնորդական, զինուորական,
204
կալուածական եւ այլ կարգի յետնեալ հաշիւները, ինչպէս նաեւ` Օսմանեան Երկրագործական Դրամատունէն (Պանքա) զէյթունցւոց եղած փոխառութիւնները, ընդամէնը 70,000 օսմանեան ոսկւոյ պատկառելի գումարի մը կը հասնէին։ Յօդուած Ը. Նոր տուրքերու զեղչ Պիտի հաստատուի հարկերու համեմատական դրութիւն, իւրաքանչիւրի կարողութեան համեմատ։ Յաւելուած Յօդուած Է. եւ Ը.ի Բ. Դուռը թէեւ չի պնդեր, միայն թէ` զէյթունցիներու կողմէն առաջարկուած այդ պայմաններուն ընդունուիլը, Սուլթանէն խնդրուած ըլլայ, իբրեւ «շնորհ»։
Յօդուած Թ. Կեանքի եւ ինչքի ապահովութիւն Զէյթունցիներու կեանքը, ինչքը, պատիւը եւ կրօնական ազատութիւնը կ’ապահովուի եւ կ’երաշխաւորուի` Եւրոպական վեց պետութեանց կողմէ։ Յաւելուած Դեսպաններուն չի վերաբերիր տալ այդ երաշխաւորութիւնները այլ անոնք Բ. Դռնէն պիտի պահանջեն այդ մասին յայտարարութիւն մը։
Յօդուած Ժ. Գաղթականներու տեղաւորում Զէյթուն ապաստանած բոլոր հայ գիւղացիներու, ինչպէս եւ Թուրքիոյ (Անատօլուի) այլ վայրերէն եկած եւ այնտեղ հաւաքուած (Զէյթունի յեղափոխականներուն միացած) բոլոր հայ խումբերու եւ անհատներու ապահով եւ անվնաս վերադարձը եւ վերահաստատումը իրենց գիւղերուն մէջ` պիտի կատարուի բանակցող հիւպատոսներու անմիջական հսկողութեան տակ։ Յաւելուած Ինչ որ կը վերաբերի Էթհէմ բաշայի կողմէ ցոյց տրուած ապահովութեանց` ի մասին փախստականներու, հիւպատոսները պարտին թուրք պաշտօնեաներու հետ համաձայնութիւն մը կնքել, այնպէս ինչպէս իրենց յարմար կը թուի երաշխաւորելու համար փախստականներու կեանքի ապահովութիւնը։ Հիւպատոսները իրենք պիտի հսկեն այդ գրաւոր համաձայնութեան անթերի գործադրութեանը վրայ։ Յօդուած ԺԱ. Գրաւեալ զէնքերու վերադարձում Զէյթունցիներու ձեռքով` Զէյթունի կայսերական «Համիտիէ» Զօրանոցէն
205
գրաւուած պատերազմական զէնքերը (700 Մարթինի եւ 2 թնդանօթ) Օսմանեան կառավարութեան պիտի յանձնուին, այն պայմանով որ` Զէյթունի շրջակայ գաւառներու թուրք, չէրքէզ, թիւրքմէն եւ քիւրտ գիւղացիներէն եւս առնուին այդ կարգի պետական զէնքերը։ Զէյթունցիները արտօնուած են այսուհանդերձ ազատօրէն կրել իրենց սեփական զէնքերը (ինչպէս որսի, հին ձեւ կայծքարով հրացան, ատրճանակ, դաշոյն եւն)։ Յօդուած ԺԲ. Զօրանոցի վերաշինութիւն Համաձայն զէյթունցիներու մերժման, ասոնք չպիտի վերաշինեն Զէյթունի այրուած «Համիտիէ» Զօրանոցը. այդ վերաշինութիւնը կը վերաբերի Օսմանեան կառավարութեան։
Յօդուած ԺԳ. Օսմանեան բանակը Օսմանեան բանակը պիտի ձգէ Զէյթունի ինքնավար գաւառակը եւ հեռանայ. միայն արտաքին յարձակումներու դէմ ապահովութեան համար պիտի մնայ պահակագունդ մը (մէկ վաշտ, 800 զինուոր). այդ վաշտը ոեւէ իրաւունք չունի միջամտելու Զէյթունի բոլոր ներքին գործերուն։ Յօդուած ԺԴ. Միջազգային երաշխաւորութիւն Եւրոպական բանակցող հիւպատոսները Զէյթունէն չպիտի մեկնին մինչեւ ներկայ պայմանագրի տրամադրութիւններուն անթերի գործադրութիւնը։
Յօդուած ԺԵ. Եւրոպական երաշխաւորող պետութիւնները Մարաշի մէջ փոխ-հիւպատոսարաններ պիտի հաստատեն. ասոնց պաշտօնը պիտի ըլլայ` հսկել Զէյթունի նոր րէժիմին պահպանութեանը, մշտական գործադրութեանը եւ կիրառութեանը` ընդդէմ Օսմանեան քաղաքական եւ զինուորական իշխանութեանց կողմէ պատահելիք ամէն անակնկալներու։ Յօդուած ԺԶ. Հաշտութեան ներկայ պայմաններու գործադրութիւնը երաշխաւորուած է` ստորագրող վեց պետութիւններու դեսպաններուն եւ Բարձրագոյն Դրան միջեւ կնքուած պայմանագրով։ Յաւելուած (ընդհանուր ծանօթ.) Ներկայ պայմանագրին բոլոր տրամադրութիւններու զօրութիւնը կը
206
տարածուի` Զէյթուն քաղաքի եւ իր շրջակայ 100ի մօտ գիւղերուն վրայ, որոնց մէջ կը գտնուին 10ի չափ թրքաբնակ գիւղեր, ինչպէս նաեւ քանի մը հայաբնակ գիւղեր որոնք Անտրունի երբեմնի գաւառակին կը պատկանէին4։
Թուրք բանակատեղիին մէջ Փետրուար 10ին, հաշտութեան պայմանները երկուստեք ստորագրուելէ, կնքուելէ եւ Հալէպի վեց հիւպատոսներուն կողմէ հաստատուելէ յետոյ, զէյթունցիք հիւպատոսներուն կը յանձնեն` Զօրանոցէն գերեվարուած թուրք գնդապետ` Իֆէթ պէյը, Զէյթունի փոխ-կառավարիչ` գայմագամ Ավնի պէյը, թուրք գերի զինուորներէն ողջ մնացած 56 բանտարկեալները, Մարթինի հրացանները ու երկու թնդանօթները։ Հիւպատոսները ի վերջոյ կը յիշեցնեն նաեւ` հայոց ձեռքը աւար ինկած 120,000 փամփուշտներուն մասին, որոնց իբր պատասխան, Աղասի կ’աւելցնէ. «Մարաշ ճամբուած թուրք վիրաւորեալ զինուորներու ստացած վէրքերուն մէ՛ջ փնտռելու է զանոնք...»։ Նոյն օրը, հայ երեւելիներն ու իշխանները Զէյթուն կը մեկնին, իսկ յեղափոխական չորս պարագլուխները, իրենց երկու թիկնապահ ընկերներով, Եւրոպա ղրկուելու համար, հիւպատոսներուն քով կը մնան։ Անոնք այլեւս առիթը կ’ունենան, կազմալուծեալ թուրք բանակին ամէն կողմերը աչքէ անցընելու։ Էթհէմ բաշայէն սկսեալ մինչեւ երկրորդական հրամանատարները կ’ուզեն շնական կեղծաւորութեամբ մը պատուասիրել զանոնք ու մտերմութիւն հաստատել անոնց հետ։ Այս առիթով է որ, պարագլուխները, իրենց տակաւին շատ մը թաքուն մնացած գաղտնիքներուն կը տիրանան։ Ահա՛ այդ շահեկան գաղտնիքներէն մի քանի զաւեշտական նմոյշներ։ Թուրք զինուորները այլեւս սարսափած զէյթունցւոց քաջութենէն, այն համոզման հանգած էին թէ իրենք Պէրիտի բարձունքները եկած էին կռուելու` նախապատմական եւ առասպելական «դեւ»երուն դէմ։ Այդ օրերուն, Քիլիսցի վաշտերէն (որ Զօրանոցի նախայարձակ յառաջապահ գունդերն էին, որ գրեթէ ամբողջութեամբ սպանուեցան), զինուոր մը իրեններուն գրած նամակին մէջ կ’եզրակացնէր թէ «Զէյթունի այդ ճակատամարտը, 1878ի ռուսօ-թուրք պատերազմին վրայ հոգոց կը կարդար»։ Փախստական եւ հիւանդ թուրք զինուորներէն մէկը, պոռացած էր թուրքերուն երեսն ի վեր, որոնք հարցուցած էին իրեն թէ Զէյթուն ի՞նչ կար ու ի՞նչ աւար բերած էր հետը։ - Զէյթուն, սեպ ժայռեր, անհատնում ձիւն ու անթիւ գնդակներ կան, - ըսած էր հիւանդ ու հալումաշ զինուորը, - ուզողը թող երթայ ու համը առնէ. իմ մասիս, անգամ մըն ալ երեսս Զէյթունի կողմը չեմ դարձներ...։ Տանս բակին մէջ, - ըսած էր ուրիշ զինուոր մը, - զէյթունի ծառ (ձիթենի) մը կայ, պիտի կտրեմ ու վառեմ, որ անգամ մըն ալ այդ անունը չյիշեմ...։
207
Իսկ թուրք բանակի բարոյալքման ուրիշ մէկ փաստն ալ սա՛ էր որ տաճիկ զինուորները չէին ուզեր բերաննին առնել Զէյթուն անունը. անոնք անիծելով անիծած էին Զէյթունի լեռները, երբ կը հարկադրուէին` միայն հոգինին ազատելով, հիւանդ թէ վիրաւոր, լեղապատառ փախուստ տալ` ամօթահար պարտութեամբ մը։ Մարաշէն կը տեղեկագրուէր թէ շուկային մէջ, թուրքեր ձիթապտուղ գնելու ատեն, Զէյթունի անունը չտալու համար, կ’ըսէին վաճառորդներուն «Տուէք այդ անիծեալներէն...»։ Յեղափոխական պետերը մասնաւորաբար կը նկատեն որ բանակին կազմալուծումը կատարեալ էր, թուրք զինուորներուն 75 %-ը` ոտքերնին ուռած, երեսնին կապոյտցած ու յօդացաւէ բռնուած կ’ըլլան. իսկ վիրաւորուածներուն եւ սպանուածներուն թիւը տասնեակ հազարներու կը հասնի5։ Եւրոպացի ներկայացուցիչները այս գաղտնիքներուն ծանօթ ըլլալով, անոնցմէ ոմանք, մանաւանդ իտալական հիւպատոս Պ. Է. Վիթթօ, նախ քան բանակցութեանց աւարտիլը, Զէյթունի բանագնացներուն խորհուրդ տուած էին ըսելով. «Եթէ կրնաք 2-3 ամիս եւս դիմադրել, արդիւնքը շատ աւելի շօշափելի կրնայ ըլլալ»։ Սակայն, ինչպէ՞ս կարելի էր շարունակել պատերազմը, երբ միւս կողմէ քաղաքին աղը հատած, պաշարը վերջ գտած, ռազմամթերքը զգալապէս սպառած, եւ այդ ամէնքին հետ սնունդի պակասութեան պատճառով, համաճարակը իր սեւ թաթերը տարածած էր...։ Եւ այս բոլոր աննպաստ հանգամանքներուն տակ գտնուելով հանդերձ, հակառակ կնքուած պայմաններուն, զէյթունցիք մինչեւ վերջին պահուն, դիմում կ’ընեն հիւպատոսներուն, որպէսզի Յեղափոխական Գործիչները իրենց հետ մնան ու իրենց գործակցին` երկրին խաղաղ յառաջդիմութեան ուժ տալով։ Սակայն անկարելի կ’ըլլայ։ Զէյթունէն տակաւին չմեկնած, օր մը առաջ, Ապահ եւ ընկերներ, կ’որոշեն որ դեսպաններուն միջոցաւ` հայրենասէր գործիչ հաճընցի Միհրան Գայեան եւս իրենց ընկերանայ դէպի արտասահման, ինչպէս նաեւ Հալէպի Հնչակեան մարտիկներէն` Բենիամին Պետեւեան։ Անոնք կ’ուզեն նախ զինքը տեսնել եւ ապա դիմել դեսպաններուն։ Այդ պատճառով Ապահ, երկու անգամ թրքական բանակատեղիէն Զէյթուն կ’իջնէ զինք փնտռելու համար, սակայն չի յաջողիր գտնել։ Մեկնումի օրը, որովհետեւ ատեն չ’ունենար, եւ թրքական բանակէն թոյլ չէին տար որ կրկին քաղաք իջնէր, հետեւաբար կը ստիպուի զէյթունցի մը ուղարկել քաղաք եւ զինք փնտռել տալ, որպէսզի ուրտեղ ըլլալը գիտնալով, վստահելի անձի մը հետ, գէթ 1-2 ոսկի ուղարկէր իրեն։ Դժբաղդաբար զինք փնտռող անձը ուշանալով, այլեւս կարելի չըլլար տեսնել, որովհետեւ զիրենք անմիջապէս ճանապարհ կը հանեն։ Հնչակեան գործիչներու մեկնումը` Զէյթունէն Մերսին Յեղափոխական պետերը թուրք բանակատեղին կը մնան երկու օր, ուր
208
անոնք հոգածութեան առարկայ կ’ըլլան հիւպատոսական մարմնին կողմէ։ Մասնաւորաբար ֆրանսական հիւպատոսը, իր քավասներով, անոնց անձերուն հսկողութիւնը կը ստանձնէ։ Ռուսական հիւպատոսի թարգման` Պ. Սամուէլ Կօլտէնպէրկ գուրգուրոտ վերաբերում ցոյց կու տայ։ Իտալական հիւպատոսը, իր թարգման Պ. Ֆէրտինանտի, ինչպէս նաեւ իր անձնական բժիշկին միջոցով` անգնահատելի ծառայութիւններ կը մատուցանէ Զէյթունի համաճարակի զոհերուն։ Իսկ անգլիական հիւպատոսը ամէն միջոց ձեռք կ’առնէ անոնց մեկնումը դիւրացնելու եւ զիրենք ապահով Մերսին հասցնելու։ Սակայն, հակառակ այդ բարի կամեցողութիւններուն, թուրք կառավարութիւնը, օգտուելով անգլիական եւ ֆրանսական հիւպատոսներու թուլութենէն, կ’ուզէ ծուղակի բերել յեղափոխական պետերը եւ զանոնք բանտարկել. սակայն, կորովի միջամտութեամբ մը զիրենք կ’ազատէ եւ իր պաշտպան թաթերուն ներքեւ կ’առնէ ռուս գնդապետ Եաքիմանսքին, Վեհ. Ձարին Հալէպի հիւպատոսը` իր իտալացի պաշտօնակցին Պ. Է. Վիթթոյի աջակցութեամբ. այս դաւադրութիւնը մէջտեղ կ’ելլէ` պետերուն վրայ հիացող թուրք չավուշի մը յայտնութեամբ։ Ռուսական հիւպատոսին շնորհիւ էր ուրեմն, որ յեղափոխականները ապահով պիտի հասնէին Մերսին, ուրկէ պիտի անցնէին Եւրոպա։ Այս այն պետական մա՛րդն էր, որ քիչ յետոյ Զէյթունէն իր պաշտօնատեղին վերադառնալով, յայտարարած էր իրեն ծանօթ հայ յեղափոխականներու. «Մենք Զէյթունի մէջ անկիւնաքար մը դրինք, ձեզ կը մնայ շէ՛նք մը բարձրացնել անոր վրայ»։ Աղասի, Հնչակեան գործիչներու Զէյթունէն մեկնած օրը, հետեւեալ ֆրանսերէն նամակը կ’ուղղէ Իտալիոյ հայասէր հիւպատոսին. Պ. Էնրիքօ Վիթթօ, Իտալիոյ Վսեմ. Հիւպատոս, ներկայացուցիչ Իտալիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ եւ Գերմանիոյ ի Զէյթուն. Այն պահուն երբ քաղաքակրթութեան սիրելի հայրենիքիս համար այնքան պայքարելէ վերջ, ստիպուած եմ վերադառնալ Եւրոպա, կը խնդրեմ Ձերդ Վսեմութենէն որ բարեհաճիք Ձեր կառավարութեան եւ ազնիւ հայրենակիցներուն մօտ պարզել թէ մեր նպատակը` պետութիւն մը կամ իշխանութիւն մը կազմել չէր, ինչ որ անիրականալի պիտի ըլլար` Թուրքիա կոչուած ցեղերու այդ այլազանութեանց մէջ։ Մեր ծրագիրն էր նախ` հաւատքի, գաղափարի եւ դաստիարակութեան ազատութիւն մը ապահովել, եւ երկրորդ` խոհեմ եւ անկողմնակալ վարչաձեւ մը հաստատել։ Մենք հաւատացած էինք թէ մեր տանելիք պայքարը վերջնական յաղթանակը պիտի չապահովէր` առանց Եւրոպայի պաշտպանութեան ապաւինելու. այդ նպատակով մենք ալ շարունակեցինք կռիւը, այն յոյսով թէ քրիստոնեայ պետութիւններ իրենց միջամտութեամբ մեզի պիտի օժանդակէին։ Դո՛ւք որ արժանաւորապէս կը ներկայացնէք` յառաջդիմութեան եւ ազատութեան սիրահար բարեկամ ժողովուրդ մը, դո՛ւք որ ծանօթ էք այլեւս մեր անցեալի պատմութեան եւ ազատութեան մարտնչումներուն, պատգամեցէ՛ք ի նպաստ մեր դատին, եւ դուք պիտի ունենաք` մարտիրոս
209
ժողովուրդի մը անխառն երախտագիտութիւնը։ Հաճեցէք ընդունի՛լ, Պարոն Հիւպատոս, Զէյթունի կռիւներու պետերէն միոյն հրաժեշտի ողջոյնները։ 12 Փետրուար 1896 (ստոր.) Աղասի Փետրուար 12ի Չորեքշաբթի առաւօտն է։ Գիշերը մինչեւ լոյս անընդհատ տեղացող ձիւնը, ճերմակ սաւանի պէս պատած է բոլոր լեռներն ու դաշտերը. միայն թրքական բանակէն զատուած 30 ձիաւոր-ոստիկաններու ջոկատ մը` անդին կէտի մը վրայ համախմբուած կը սպասէ։ Ասդին, զէյթունցի երեւելիներն ու իշխանները, յեղափոխական պետերը շրջապատած, անոնց վերջին խրատականներն ու քաջալերիչ խօսքերը կ’ունկնդրեն։ Լո՜ւռ եւ տխուր են ամէնքն ալ. վեհաշո՜ւք է պահը. բաժնուիլ չեն ուզեր անո՛նցմէ` որոնց հետ մահուան եւ կեանքի օրեր ապրած են...։ Այդ վիճակին մէջ, գրկախառնումներ տեղի կ’ունենան ու ջերմ համբոյրներու տակ զատուելով` պետերը կ’ընկերանան հիւպատոսներու թարգմաններուն եւ գավասներուն, ու կ’երթան խառնուիլ անդին սպասող 30 թուրք ձիաւորներու ջոկատին մէջ։ Յեղափոխական պետերը իրենց յուզումնալից նայուածքները յառած Զէյթունի խրոխտ լեռներուն եւ իրենց ետին թողած Հայ Արծիւներու Բոյնը, կը հեռանան։ Զէյթունէն մեկնող այդ կարաւանին մաս կը կազմեն յեղափոխական չորս պարագլուխներ` Աղասի, Ապահ, Հրաչեայ եւ Մլեհ. անոնց երկու թիկնապահներ` Նշան եւ Կարապետ. անգլիական հիւպատոսարանի կցորդ` Պ. Քրիստի, անգլիական թարգման` Պ. Շալօմ. նոյնին քավաս` չէրքէզ Ահմէտ աղա. ֆրանսական հիւպատոսի թարգման` Պ. Իսկէնտէր Պալիթ. իտալական հիւպատոսի քավաս` հաճի Պէքրի. եւ հարիւրապետ չէրքէզ Մէհմէտ բէկի (գնդապետ Ալի պէյի աներձագը) հրամանին տակ գտնուող 30 հոգինոց թուրք ձիաւոր-ոստիկաններու ջոկատը. ընդամէնը 40 հոգի։ Այդ զինուած կարաւանը, յեղափոխական ծպտուած կարաւաններուն չէր նմաներ, ո՛չ ալ արշաւախումբի մը, այլ ան կատարեալ շքախումբ մըն էր, որ համարձակ ու անվարան եւ զինուորական պատշաճ պատիւներով ու եւրոպական վեց մեծ պետութեանց հսկողութեան ու երաշխաւորութեան տակ հանդիսաւորապէս կ’ընկերանար` 32,000 թուրք կեանքերու բնաջնջումին պատճառ եղող` Հնչակեան չորս յեղափոխական գործիչներուն, որոնք հիմա, պատուաւոր աքսորեալները իրենց հայրենիքին` կ’անցնէին արտասահման6։ Կարաւանը, ուրեմն, ճամբայ ելլելով` Չորեքշաբթի առաւօտ 12 Փետրուարին, Զէյթունի Զօրանոցին մօտ գտնուող թրքական բանակատեղիէն, կ’իջնէ Ջերմուկի դաշտը ու կէսօրուան մօտ հասնելով Վարդապետի կամուրջը, անոր գլուխը գտնուող պահականոցին մէջ (Ջահանի եզերքին) հանգիստ կ’առնէ. յետոյ
210
կ’անցնի Բերդուս չայը, Բերդուսի գիւղը, ու Ախըր տաղի եզերքէն քալելով, նոյն գիշերը կ’իջեւանի Մարաշի զօրանոցը։ Կարաւանին ընկերացող մը, Քրիսթի, Մարաշէն կը բաժնուի իրենցմէ։ Այնուհետեւ Մարաշի մէջ մեծ կ’ըլլայ հայ ժողովուրդին այդ երջանիկ օրուան զսպուած ուրախութիւնը. կատարուածը պարզապէս հրաշք մըն էր երբ յեղափոխական չորս պետերը, չորս ամիս կռուելէ վերջ, ազատ ու անկաշկանդ իրենց մէջէն այդպէս անցնելով, թուրք կառավարութեան ծախքով ու պաշտպանութեամբ Եւրոպա կ’ուղեւորէին, տէրութեանց եւ անոնց հիւպատոսներու գիտութեամբ։ Այդ օր Մարաշի մէջ զրոյց կը շրջի թրքական աղբիւրէ թէ Աղասի եւ ուրիշ կեավուրներ շղթայակապ բերուած են ու յաջորդ օրը կախաղան պիտի հանուին։ Քաղաքի հայոց համար այս գոյժը մեծ շփոթութիւն յառաջ կը բերէ։ Ժողովներ եւ խորհրդակցութիւններ ոչինչ կ’արժեն։ Հայերը վերջապէս կ’որոշեն հսկիչներ դնել Քառասուն Մանկանց եկեղեցիին շուրջ (որ գլխաւոր պողոտային վրայ կը գտնուէր) եւ ուրկէ պիտի անցնէին ձերբակալուածները` կախաղան հանուելու եւ կամ աքսոր քշուելու համար։ Հայ պահակները առաւօտեան ժամը 4ին, փութալով իրենց ընկերներու մօտ, ուրախութեամբ կ’աւետեն թէ Ապահ, Աղասի, Հրաչեայ, Մլեհ, Նշան եւ Կարապետ, ազատ-համարձակ, ձիերու վրայ հեծած, պեխերնին ոլորած, յաղթական կեցուածքով եւ ժանտարմներու ընկերակցութեամբ, Մերսին մեկնած են` ֆրանսական մարտանաւուն յանձնուելու համար։ Յաջորդ օրը, Հինգշաբթի 13 Փետրուարին, Մարաշի հայոց Քառասուն Մանուկ եկեղեցիին ճամբէն կարաւանը կ’ուղղուի դէպի Էրքէնէզ, ապա Շէքէր օվայի դաշտը, Ագ-սու եւ կէսօրուան հանգիստ կ’առնէ քիւրտ գիւղի մը մէջ։ Ցերեկէն յետոյ կ’անցնի Էօլ-Օղլուն ու Սարըլար գիւղը կ’իջեւանի։ Ուրբաթ 14 Փետրուարին, ուղեւորութիւնը շարունակելով ամբողջ օրը, կ’անցնի Ղազան Ալի եւ Ասլան-Պօղազ անցքերէն ու Կեավուր տաղի (Հայ լեռ) վրայէն կ’իջնէ Պաղչէ, ուր, կառավարչատան պալատին մէջ կ’անցընէ գիշերը։ Շաբաթ 15 Փետրուարին, կարաւանը կ’ուղղուի Պաղչէ-սուիի վրայով դէպի Հասան-բէկ սուի, որուն եզերքը հանգիստ կ’առնէ կէսօրուան պահերուն, ու Չուգուր օվայի մէկ ծայրէն կ’անցնի Օսմանիէի դաշտը, ու Օսմանիէ հասնելով, կը գիշերէ տեղւոյն կառավարչատան պալատին մէջ։ Կիրակի 16 Փետրուարին, կէսօրուան մօտ կը հասնի կարաւանին ընկերացող չէրքէզ հարիւրապետ Մէհմէտ բէկի գիւղը, ուր հանգստանալէ վերջ, մինչեւ իրիկուն Համիտիէի երկաթուղւոյ կայարանը կը ժամանէ։ Յաջորդ օր, Երկուշաբթի 17 Փետրուարին, Թօբրագ-գալէէն կ’ուղղուի Շահմերան-ղալէ, ապա Ջահանի ափը գտնուող Ճէպէլ-նուրէն անցնելով, կէսօրուան կը մտնէ Միսիս. կէսօրէն յետոյ Միսիսի դաշտը կտրելով երեկոյեան Ատանայի կամուրջէն կը մտնէ քաղաք։
211
Ատանայի մէջ անոնց կ’ըլլայ լաւ ընդունելութիւն, գնդապետ Ալի պէյի կողմէ Ատանայի իր ազգականներուն ըրած գրաւոր յանձնառութեանց համաձայն, ա՛յն աստիճան որ տեղւոյն թուրքերը կը գրգռուին այդ պատուասիրութիւններէն` «գերի կեավուրներուն այդչափ պատիւ ընելու ի՞նչ հարկ կայ» ըսելով։ Թէեւ կ’արգիլուի իրենց` արտաքին աշխարհին հետ յարաբերութեան մտնել, այսուհանդերձ Ապահ կը յաջողի` կերպաս գնելու պատրուակին տակ, վաճառականի մը սպասաւորին միջոցաւ, իրենց ժամանումը եւ ինքնութիւնը յայտնել` Ատանայի Հնչակեան ընկերներէն` Աշոտի եւ ընել կարգ մը թելադրանքներ։ Ատանայի մէջ Աղասի կը հիւանդանայ եւ այդ պատճառով անոնք հոն կը մնան ամբողջ 14 օր, կառավարական պալատի մէկ մասնաւոր սենեակին մէջ7։ Երեքշաբթի, 3 Մարտին, երկաթուղիով, անոնք կ’առաջնորդուին Կիւթնոս գետի վրայ գտնուող Տարսոնի վրայով դէպի Մերսին։ Մերսինի շոգեկառքի կայարանէն, երբ վեց հնչակեանները, զինուորական ապահովութեան տակ դուրս կ’ելլեն, հետաքրքիրներու ահագին բազմութիւն մը կը խռնուի հոն, բայց զինուորական իշխանութիւնները զանոնք անմիջապէս գոց կառքերու մէջ դնելով, կը տանին իրենց համար պատրաստուած բնակարանը։ Շոքենաւի սպասելու համար անոնց 11 օրուան բնակութիւնը Մերսինի մէջ, գրեթէ նշանաւոր դէպքի մը համեմատութիւնները կը ստանայ։ Ամէն մարդ կ’ուզէ մօտէն դիտել հայ ազգին այդ դիկտատորները, բայց իրենց հետաքրքրութիւնը գոհացում չի գտներ։ Յեղափոխական չորս պարագլուխները իրենց երկու թիկնապահ ընկերներով, Մերսին հասնելէ վերջ, ամենախիստ կերպով գաղտնի կը պահուին. նոյնիսկ իրենց բնակած սենեակին պատուհաններն անգամ ամրափակ կերպով գոց կը մնան, եւ իրենց հետ ամէն հաղորդակցութիւն կ’արգիլուի։ Մարսէյլի Սէմաֆօր թերթը իր Մերսինի թղթակցին վերոյիշեալ տեղեկութիւնները տալէ յետոյ, նոյն տարւոյ իր Մարտ 18ի թիւին մէջ, կը շարունակէ. Քաղաքէս Մարսէյլ պիտի ուղեւորին չորս հայ պարագլուխները որոնք ամիսներով իրենց ձեռքին մէջ ունէին Զէյթունի ճակատագիրը եւ պարտութեան կ’ենթարկէին 25,0008 զօրքէ բաղկացած բանակ մը։ Այս անձինքն են, Կարապետ, որ մեծ պարագլուխն է, եւ իր օգնականները` Յակոբ, Համբարձում եւ Մլեհ9։ Հաւանօրէն ասոնք պատերազմական անուններն են այս չորս մեծ դէմքերուն, որոնց հայրենասիրական արիութիւնը անտարակոյս լաւագոյն յաջողութեան ալ արժանի է։ Անոնց երիցագոյնը (Աղասի) հազիւ 25 տարեկան կայ։ Համակրելի են անոնց դէմքերը, որոնց ուրուագծերը կ’արտայայտեն կորով ու եռանդ, կամք եւ մտացիութիւն։ Գլուխնին դրած են գալփաք, որ աւելի կը փայլեցնէ իրենց դէմքին սէգութիւնը եւ անկախութիւնը։ Մերսինէն Մարսէյլ Մարտ 14, Շաբաթ օր, գաղղիական Messagerie Maritime շոգենաւային ընկերութեան Sindh շոգենաւը մտնելով, վեց յեղափոխականները հանդիսաւոր կեր-
212
պով ճանապարհ կ’ելլեն դէպի Ֆրանսա։ Շոգենաւուն մէջ երրորդ կարգը դրուած ըլլալով, անոնք իրենց ծախքով կ’անցնին առաջին կարգը, եւ առարկայ կ’ըլլան Օլիվիէ նաւապետի մասնաւոր բարեսրտութեան, ինչպէս նաեւ շոգենաւին մէջ իրենց հետ ուղեկցող եւրոպացի բոլոր բարձրաստիճան ճամբորդներու սիրոյն ու յարգանքին։ Մերսինի Հնչակեան Մասնաճիւղի հեռագիրները ամէն կողմ աւետած ըլլալով` յեղափոխականներուն ճանապարհ ելլելը, երբ շոգենաւը հետզհետէ կ’անցնի Իսկէնտէրունէն, Լաթաքիայէն, Տրիպոլիսէն, Պէյրութէն, Եաֆայէն, Բօրթ-Սայիտէն, ու կը հասնի Աղեքսանդրիա, անոնք, նաւապետին մասնաւոր արտօնութեան վրայ, հաղորդակցութեան կը մտնեն տեղւոյն հայրենակիցներուն հետ։ Անոնք կը ճամբորդէին ո՛չ թէ իբր պարզ անցորդներ, այլ ֆրանսական կառավարութիւնը իր վրայ առած էր` զիրենք ապահով Ֆրանսայի ազատ հողին վրայ հասցնելու երաշխաւորութիւնը, ու Պոլսոյ ֆրանսական դեսպանը, իր Մերսինի հիւպատոսի միջոցաւ հեռագրած եւ արտօնած էր նաւապետին զանոնք խիստ ապահով կերպով հասցնել, հակառակ պարագային պատասխանատուութիւնը պիտի ծանրանար նաւապետին վրայ։ Հետեւաբար ինչքան ալ դժուար ըլլար զանոնք ժամանակաւորապէս Աղեքսանդրիա ցամաք հանել, այսուհանդերձ, պատուաւոր ազգայիններ երաշխաւորութիւն տալով նաւապետին վայելուչ հանդիսաւորութեամբ մը զանոնք կ’առաջնորդեն քաղաք։ Աղեքսանդրահայ գաղթականութիւնը, Բօրթ-Սայիտէն տրուած հեռագրի վրայ խուռնամբոխ, հետաքրքրութեամբ կը դիմէ` հիացմամբ տեսնելու Զէյթունի հերոսները։ Ո՛չ նուազ կ’ըլլայ օտարազգիներու հիացումն ու հետաքրքրութիւնը։ Վեց յեղափոխականները, մի քանի ազգայիններու այցելութիւն տալէ վերջ, թաղական խորհուրդի հրաւէրին վրայ, կ’առաջնորդուին հայոց Ս. Պօղոս-Պետրոս նորաշէն եկեղեցին, ուր զիրենք դիմաւորելու համար ընդառաջ կու գայ կրօնական եւ ուսուցչական կազմէ բաղկացած պատգամաւորութիւն մը ու սիրալիր կերպով կ’ընդունի զիրենք։ Անոնք նախապէս կ’այցելեն տեղւոյն Պօղոսեան ազգ. երկսեռ վարժարանները, եկեղեցին եւ ապա կը հրաւիրուին Առաջնորդարան։ Հո՛ն, սիրալիր ու հետաքրքրական խօսակցութիւններէ վերջ, տեղի կ’ունենան ճառախօսութիւններ։ Մէկ ժամ հանգչելէ յետոյ, հոծ ազգայիններու հիացիկ արտայայտութեանց տակ, դուրս կ’ելլեն անոնք։ Առաջնորդարանի դրան առջեւ, երկսեռ հայ մանկտին քաղցրանուագ երգերով ու կեցցէներով վերջին յարգանքը կ’արտայայտեն։ Քաղցր եւ յուզիչ կերպարանք մը կ’առնէ այդ տեսարանը։ Նոյն գիշերը շոգենաւ վերադառնալով, յաջորդ առաւօտուն, միեւնոյն հանդիսաւորութիւններով, փոխադարձ այցելութիւն կու տան հայ թէ օտար ականաւոր անձնաւորութեանց։ Հիւրընկալութեան բոլոր ծախսերը կը ստանձնէ Թաղական Խորհուրդը։ Կէսօրէն վերջ ժամը 2ին, այցելութիւն կու տան Աղեքսանդրիա
213
ապաստանած կարգ մը Հնչակեաններուն ինչպէս Լեւոն Մկրտիչեանի, Գրիգոր Ս. Սեւուկեանի եւ այլոց, եւ քաջալերական խօսքերէ յետոյ կը վերադառնան շոգենաւ։ Այդ պահուն Ապահ, վայրկեան մը առանձնանալով` յիշեալ Հնչակեաններուն մօտ, կու տայ հետեւեալ յատկանշական պատուէրը. «Սպասողական դիրք բռնեցէք, մինչեւ որ մենք Լոնտոն հասնինք, եւն»։ Այս յանձնարարութեան իմաստը` Հնչակեան Կեդրոնի խաղքութիւնն էր որ քիչ յետոյ երեւան պիտի ելլէր։ Ողջերթի համար շոգենաւ կու գան հարիւրի մօտ ազգայիններ, նոյնիսկ Գահիրէէն, որոնց մէջ կային կրօնաւորներ, եւ Ապահի Գահիրէ բնակող երկու եղբօր ընտանիքները, եւն։ Այդ սիրալիր յարգանքներն ու սքանչացումները մեծ զարմանք կը պատճառեն նոյն իսկ շոգենաւուն մէջ գտնուող օտար ճամբորդներուն։ Արտասուախառն գրկախառնութիւններու տակ շոգենաւը, երեկոյեան խարիսխը վերցնելով, իր ճամբան կը շարունակէ դէպի Մարսէյլ։ Չորեքշաբթի, 25 Մարտին, շոգենաւը, 11 օրուան ծովագնացութենէ մը վերջ, կը հասնի Մարսէյլ։ Տեղւոյն մաքսատունէն ֆրանսացի քօմիսէր մը մեծ յարգանքով կը դիմաւորէ հայ աքսորեալ յեղափոխականները եւ անոնց ստորագրել տալով procès-verbal մը, ազատ կը թողու ֆրանսական հողի վրայ։ Մարսէյլի Սէմաֆօր թերթը, դարձեալ իր Մարտ 26ի թիւին մէջ կը գրէ այդ առթիւ. Երէկ առաւօտ, Մէսաժըրիի «Սէնտ» շոգենաւով Մերսինէն հոս հասան չորս հայ պարագլուխները, որոնք արիաբար վարեցին Զէյթունի պաշտպանութիւնը` այդ քաղաքը գրաւելու պաշտօն ունեցող թրքական բանակին դէմ, եւ որոնք, հիւպատոսներուն գործակցութեամբը, ձեռք բերին պատուաւոր անձնատուութեան պայմաններ։ Անոնք դուրս ելլելով մաքսատունէն, քարափին վրայ կը դիմաւորուին` Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնէն յատկապէս Լոնտոնէն Մարսէյլ ուղարկուած պատգամաւոր` Սուրէն Սուրէնեանի, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայ գաղթականութեան ներկայացուցիչներու կողմէ, որոնք կառքերով կ’առաջնորդեն զիրենք Hôtel de la Poste։ Ի պատիւ իրենց երկու օր սիրալիր ընդունելութիւններ տեղի կ’ունենան` տեղւոյն ազգայիններու կողմէ։
Մարսէյլէն Լոնտոն Մարտ 26ի երեկոյեան, Մարսէյլէն ճամբայ ելլելով, յաջորդ օրը կը հասնին Բարիզ, եւ առանց հոն կանգ առնելու, Տիէբի եւ Նիւ-Եավընի վրայով կ’անցնին Լոնտոն։ Լոնտոնի Վիգթօրիա կայարանը զիրենք դիմաւորելու կ’երթան Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնի անդամները, ինչպէս նաեւ տեղւոյն ազգայիններէն եւ օտար թերթերու թղթակիցներէն շատեր։ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնի անունով, Լոնտոնի կայարանը ժամանող վեց յեղափոխականներուն
214
կը մատուցուին վեց գեղեցիկ ծաղկեփունջեր եւ պսակներ, ու ապա ամէնքը միասին կը մեկնին կուսակցութեան կեդրոնավայրը` 22 Armiston Road, Shepherd’s Bush, ուր պատրաստուած էին նորանոր ընդունելութիւններ։
Փայլուն ընդունելութիւններ Լոնտոնի մէջ Հնչակ անդրադառնալով յեղափոխական պետերու Զէյթունի մէջ կատարած դերին մասին, անոնց Լոնտոն ժամանման առթիւ, նոյն տարւոյ Ապրիլ 2ի թիւին մէջ իր խանդավառութիւնը կ’արտայայտէ հետեւեալ տողերով.
Մարդ սրտի բերկրութեամբ է նայում այն վեց քաջերի վրայ, որոնք ամբողջ ամիսների ընթացքում, իրանց սրտի բաբախման հետ միասին բաբախեցրին մի ժողովրդի միլիոնաւոր սրտեր. ամբողջ ամիսների ընթացքում, նրանք ուրախութեան արցունքներ քամեցին միլիոնաւոր աչքերից, եւ նոր յոյս ու նոր կեանք ներշնչեցին հային` հէնց կոտորածների այն սարսափելի օրերում, երբ կարծես այլեւս կորած էր հայի յոյսն ու կեանքը։ Զէյթունի ապստամբութիւնն ամենահաստատ հիմքը դրեց հայ ժողովուրդի ազատութեան։ Ա՛յդ եղաւ Հնչակեան առաքեալների եւ Զէյթունի աննման քաջերի գործը, մեծ, հերոսական, արդիւնաւոր, պատմական գործը, որ դարուց ի դարս կ’անցնէ հայութեան սերունդների մէջ իբրեւ մի սուրբ գործ եւ անմահ յիշատակ։ Իսկ անոնց Լոնտոն ժամանման օրը, Ուրբաթ, 27 Մարտին, Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնավայրին մէջ, տեղի ունեցած ընդունելութեան հացկերոյթի ընթացքին, բարի գալուստի առթիւ արտասանուած ճառերուն եւ ուղերձներուն մէջէն, յատկանշական է` Միհրան Տամատեանի կողմէ գրուած եւ արտասանուած հետեւեալ ոտանաւորը, որ նոյնութեամբ կ’արտագրենք ստորեւ. ՈՂՋՈՅՆ ԶԷՅԹՈՒՆԷՆ ԴԱՐՁՈՂ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ
Ողջո՜յն ձեզ, ընկե՛րք, ընկերք քաջարի, Դո՛ւք որ առաջնորդ եղաք քաջերի. Դո՛ւք որ ձեր հոգւոյն անհուն եռանդով, Ձեր բոլորանուէր հարազատ սըրտով Եղաք զինուորներ հայրենեաց դատին Եւ զօրապետներ տօրոսեան մարտին. Դո՛ւք որ մըղեցիք կըռիւ յաղթական Ընդ դէմ վատ թուրքին անարգ բըռնութեան. Դուք որ տընկեցիք ի գլուխ հայ լերանց Սուրբ ազատութեան դըրօշ յաղթապանծ.
215
Ողջո՜յն ձեզ, համբո՜յր ձեր վեհ ճակատին Որ ծըռել տըւաւ ճակատն հըպարտին, Եւ ուր դեռ քըրտանց շիթեր շողշողան` Վըկայք գործերուդ առաքինական. Համբո՜յր դըրոշմեմ աչացդ երջանիկ Որ տեսան պարտեալ գոռոզ թըշնամիք, Տեսան խուճապիլն անոնց ի փախուստ, Թողած բիւր մեռեալ, զէնք, աւար հարուստ, Կարմիր փըրփըրած տեսան ըզՃիհան, Տեսան ըզՏօրոս ազա՜տ, յաղթական։ Համբո՜յր դըրոշմեմ եւ ձեր ձեռքերուն` Շաղախուած արեամբ դաժան թուրքերուն. Այն ձեր պատմական սուրին ալ համբո՜յր, Ոյր տակէն անցան գերիք վեց հարիւր. Ողջո՜յն եւ ձեզնով կըտրիճ Զէյթունցոց` Որոնց անպատում սըխրալի գործոց Պիտ ծափահարեն դարեր յաւիտեան, Որք փա՜ռք ու պարծանք են ողջ հայութեան...
Բայց է՞ր դուք, քաջեր, տըխուր երեւիք, Դէմքերդ մըտածուն եւ մելամաղձիկ... Թէ Զէյթուն դեռ չէ՛ կատարեալ ազատ, - Զի զայն չուզեցին հըզօրք բըռնադատ, Թէ իւր յաղթութիւնք այնքան փառունակ Զի պըսակեցին մեր սուրբ նըպատակ, Գէթ պատուով դըրաւ իր սուրն ի պատեան, Գէթ պարծանք եղաւ մոռցուած հայութեան. Տեսաւ Եւրոպան, տեսան գէթ ազգեր Թէ Հայն ալ գիտէ կռուիլ ու յաղթել։ Թո՛ղ չի վըհատուի ուրեմն հայութիւն Քանի որ ունի Տօրոս ու Զէյթուն, Քանի հայորդի կըտրիճ առիւծներ Կ’ապրին ու գիտեն գործել անձնըւէր, Քանի նորաբոյս ամէն պատանի Ազգի, հայրենեաց սիրով սնանի, Քանի ամէնուս ուխտն է հաստատուն Մահ կամ ողջունել սուրբ Ազատութիւն։ Գիտեմ, դուք, քաջե՛ր, լալով հեռացաք
216
Այն վայրերէն ուր քաջ քաջ կռուեցաք. Ուր ինկան ձեր շատ անգին ընկերներ, Ուր գուցէ ստացաք դուք եւըս վէրքեր. Հոս Ալպիոնի հիւրընկալ յեզերք Գըտնէք հարազատ եղբարք եւ ընկերք. Հընչակի զինուորք, դառնաք առ Հընչակ, Հընչակն ալ տօնէ արդ ձեր յաղթանակ։ Հանգչեցէք դափնեաց մէջ յօտար երկիր` Ձերդ որդին ի գիրկ մօրը տարագիր. Գըգուեցէք յաւերժ ձեր յուշք փարելի, Եւ կու գայ մի օր - այն օր ցանկալի Երբ յաղթանակէ մեր դատը արդար, Երբ ի լոյս դառնայ մեր կեանքի խաւար. Յայնժամ ցընծութեամբ դառնաք դուք Զէյթուն` Վայր ձեր քաջայաղթ պատերազմներուն, Երկիւղած շըրթամբք, իբրեւ ուխտաւոր, Համբուրել զայն հող անմա՜հ փառաւոր։ 1895 Մարտ, Լոնտոն Պերճ Մուշլու10 (Միհրան Տամատեան)
Այդպէսով, հերոսներու յաղթական կռիւներէն ետք, անոնց ճամբորդութիւնն ալ Մերսինէն մինչեւ Լոնտոն ցնծական թափօր մը կ’ըլլայ։
Հաշտութեան պայմաններու գործադրութիւնը Ակներեւ է թէ Համիտի զիջումը զէյթունցւոց հանդէպ ինչպիսի՜ հարկեցուցիչ պարագաներու տակ էր որ տեղի կ’ունենար, եւ քանի մը յօդուածներէ բաղկացած հաշտութեան պայմանագրութիւն մը, եթէ երբեք չէր կրցած հիմնական կարգադրութիւններ, արմատական բուժում, կամ ազգային ընդհանուր քաղաքականութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն մը գործել, գոնէ յաջողած էր, մեծատարած կայսրութեան մը խուլ անկիւնը գտնուող հպատակներէն` ափ մը լեռնցիներու հանդէպ` այդ կայսրութեան ունեցած ահաւոր պարտութիւնը, մինչեւ իսկ միջազգային շրջանակներու մէջ պաշտօնապէս ընդունելու։ Զէյթունցիք ուրեմն, ի գին մեծ զոհողութեանց ձեռք բերին այդ յաջողութիւնը, գրեթէ իրենց սեփական ուժերուն վրայ կռթնած, առանց արտաքին մեծ օժանդակութեան, երբ նկատի ունենանք այն պարագան թէ` Զէյթուն կազմակերպուած, կանոնաւոր երկու հզօր բանակներու առջեւ կը գտնուէր, եւ այդ բանակները,
217
երբեք չափազանցութիւն չըլլայ ըսել թէ, կրնային նոյնիսկ թշնամի տէրութեան մը մտահոգութիւն պատճառել եւ զայն զբաղեցնել բաւական երկար ժամանակ։ Հետեւաբար, պէտք չէ զարմանալ, երբ Համիտ, զինք այնքան նուաստացնող Զէյթունի հաշտութիւնը ստորագրելէ վերջ, առիթներ պիտի ստեղծէր իր խօսքը դրժելու, կամ գէթ իր ունեցած ամօթալի պարտութիւնը պարտկելու։ Մի առ մի, եւ յօդուած առ յօդուած քննենք թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ չափով գործադրուեցաւ, Զէյթունի ապստամբութեան առթիւ կնքուած դաշնագիրը։ Յօդուած Ա. Բ. Գ. Հնչակեան պարոններուն վերաբերեալ պայմանները կէտ առ կէտ գործադրուեցան։ Ինչպէս երկարօրէն նկարագրեցինք նախորդ էջերուն մէջ, Հնչակեան վեց գործիչներու մեկնումը Զէյթունէն Մերսին եւ Մերսինէն Մարսէյլ ու Լոնտոն, տեղի ունեցաւ կատարեալ ապահովութեան ու հանգստաւէտութեան մէջ, եթէ նկատի չառնենք մէկ-երկու մատնութեանց կամ դաւադրութեանց աննշան միջադէպերը, որոնք որեւէ ազդեցութիւն չկրցան ունենալ եւ չխանգարեցին ա՛յն յաղթական գնացքը աքսորեալ յեղափոխականներուն, որ այն ատեն աննախընթաց երեւոյթ մըն էր բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։
Յօդուած Դ. Մարաշի մէջ, Զէյթունի խնդրով բանտարկուածները, ընդունուած պայմաններու զօրութեամբ, Մայիսին, ազատ կ’արձակուին։ Ընդհանուր ներումը թէեւ անուանապէս կը շնորհուի, սակայն աստ ու անդ կ’ըլլան ձերբակալութիւններ, բանտարկութիւններ, չարչարանք, մինչեւ 1897, երբ ընդհանուր կոտորածներէն յետոյ հայ բանտարկեալներ ազատ կ’արձակուին, տեղի կ’ունենայ մեծ արտագաղթ մը դէպի արտասահման։
Յօդուած Ե. Հակառակ դաշնագրի ստորագրութեան, թուրք կառավարութիւնը ժամանակ մը եւս կը ձգձգէ` Զէյթունի քրիստոնեայ կառավարիչի մը նշանակումը։ Ապրիլի սկիզբը, Զէյթունի համար առժամաբար կը կարգուի թուրք փոխ-կառավարիչ մը, այն առարկութեամբ թէ քրիստոնեայ կառավարիչի մը նշանակումը կրնայ իսլամներու մէջ գրգռութիւն յառաջ բերել, բայց թուրք կառավարութիւնը կը խոստանայ գործադրել Զէյթունի նկատմամբ իր այդ յանձնառութիւնը, երբ ուրիշ տեղեր ալ հայ գայմագամներ նշանակէ` բարենորոգմանց ծրագրին համաձայն, սակայն երաշխաւորեալ պետութեանց Պոլսոյ դեսպաններուն կրկնակի պնդումներուն շնորհիւ, 16 Յունիս 1896ին, Զէյթունի առաջին քրիստոնեայ կառավարիչ` յունազգի Եուվանքի Ճազօբուլոյի նշանակման հրովարտակը կը ստորագրուի Համիտին կողմէ։ Անոր օգնական կը կարգուի մարաշցի թուրք մը` Մահմուտ
218
Իզզէթ պէյ։ Նորընտիր կառավարիչը Պոլսէն կը մեկնի Իսկէնտէրուն, ապա կ’անցնի Հալէպ, Մարաշ, եւ Օգոստոսին կը մտնէ Զէյթուն։ Յիշեալ անձը, ինչպէս նաեւ իրեն յաջորդող` կեսարացի ուրիշ յոյն մը` Անասթաս, եւն, թէեւ մասնաւոր նորութիւն մը չեն բերեր իրենց հետ, բայց կ’ըլլան բարի մարդիկ, եւ լաւ վերաբերմունք ցոյց կու տան զէյթունցիներու հանդէպ։ Համիտ, բացի Զէյթունէ, Հաճընի համար ալ քրիստոնեայ (յոյն) կառավարիչ կը կարգէ, անշուշտ երեւոյթները փրկելու եւ ցոյց տալու համար թէ Զէյթուն զէնքի ուժով իրաւունք մը խլած չէր, եւ Հաճըն ալ, որու բնակչութիւնը զուտ հայերէ կը բաղկանար, բայց Զէյթունի ապստամբութեան մասնակցած չէր, իր կայսերական շնորհներուն կ’արժանանար, եւ քրիստոնեայ կառավարիչ կ’ունենար։ Աւելորդ է սակայն ըսել թէ Հաճըն այդ շնորհը կը պարտէր Զէյթունի։ Զէյթունի մէջ գտնուող 30 տուն Հաճըլարի թուրքերը, քրիստոնեայ կառավարիչի նշանակումին պատճառով, կը լքեն իրենց բոլոր կալուածները, տուները եւ կը գաղթեն Կոկիսոնի կողմը` Ահմետճիկենք (Հաճըլար) գիւղը։ Յօդուած Զ. Զէյթունի ոստիկանութեան, պաշտօնէութեան եւն նշանակումներու մէջ, զէյթունցիք կ’ունենան գերակշիռ դիրք։
Յօդուած Է. Յետամնաց տուրքերը անուանապէս ջնջուած կը նկատուին, եւ քանի մը տարի ալ նոր տուրքեր չեն գանձուիր, սակայն զանազան պատրուակներու տակ, կառավարութիւնը կ’աշխատի` Զէյթունի համար ղրկուած նպաստներէն տասնորդական տուրքեր պահանջել։
Յօդուած Ը. Աւելորդ է ըսել որ նոր տուրքերու զեղչը կամ հարկերու համեմատական դրութիւնը չի կիրարկուիր ո՛չ միայն Զէյթունի, այլ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։
Յօդուած Թ. Նոյնը կարելի է կրկնել նաեւ` կեանքի եւ ինչքի ապահովութեան տեսակէտով։
Յօդուած Ժ. Հիւպատոսները, պայմանագրէն ետք, բաւական ժամանակ կը զբաղին` շրջակայ գիւղերու կոտորածէն փախչելով` Զէյթուն ապաստանողներուն վերադարձը ապահովելու. զի ցուցակով 58 գիւղերէ եկողներ կային, որոնց շարժական ինչքերը կողոպտուած էին, 20 եկեղեցիներ ու 3 վանքեր ալ այրուած էին։ Այդ
219
վանքերն էին` Եէնիճէ Գալէի լատին կրօնաւորներու վանքը, Ֆռնուզի Ս. Կարապետը, եւ Զէյթունի Ս. Փրկիչը։ Մինչեւ Ապրիլ, Եէնիճէ Գալէի, Ֆռնուզի, Մխալի, եւ ուրիշ մօտակայ գիւղերու բնակիչները իրենց տեղերը կը վերադարձուին։ Իսկ Կոկիսոնի, Կապանի, եւ այլ գիւղերու բնակիչները դեռ ատեն մը կը մնան Զէյթունի մէջ։
Յօդուած ԺԱ. Ընդունուած պայմաններու համաձայն, Հնչակեան գործիչներու մեկնումէն յետոյ, մի քանի շաբաթուայ մէջ, հիւպատոսներու հսկողութեան տակ, կը հաւաքուին` Զօրանոցէն գրաւուած Մարթինի հրացանները, եւ կը յանձնուին թրքական կառավարութեան, ինչպէս նաեւ թնդանօթներէն մէկը (միւսը այրուած ըլլալով Զօրանոցին հետ)։
Յօդուած ԺԲ. Յունիսին կը սկսի Զէյթունի այրուած Զօրանոցին վերաշինութիւնը, թրքական կառավարութեան ծախսով, եւ անոր մօտ գտնուող տուներն ու մզկիթն ալ մէջը պարփակուելու ծրագրով։ Զօրանոցը նախկինէն քառորդ մեծութիւն աւելի կ’ունենայ. կ’ըլլայ եռայարկ, ամրակուռ, շքեղ տեսքով, ներքեւը հսկայ ջրամբարներով։ Այդ բարեփոխուած Զօրանոցի հիմնարկութեան հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենայ Օգոստոսի վերջերը, որուն ներկայ կը գտնուի Տ. Կարապետ քհնյ. Երկայնեան, զէյթունցի քանի մը երեւելիներու հետ։
Յօդուած ԺԳ. Իզմիրէն, Այնթապէն եւ այլ տեղերէ Զէյթուն գտնուող 30 վաշտ զինուորներէն 27 վաշտը կը հեռացուին քաղաքին անմիջական սահմաններէն, մնացեալները (3 վաշտ, փոխան յօդուածի տրամադրած 1 վաշտի), Ալի պէյի հրամանին տակ (որ Սուլթանի իրատէով Ալի բաշա կ’ըլլայ), կը յատկացուին շինարարական աշխատանքի. ինչպէս Զօրանոցի վերաշինութեան, Զէյթունի եւ Մարաշի միջեւ խճուղիի կառուցում, եւն։
Յօդուած ԺԴ. ԴԵ. ԺԶ. Զէյթունի տրուած վերոյիշեալ առանձնաշնորհումներու եւ արտօնութեանց մօտէն հսկելու եւ տրուած միջազգային երաշխաւորութիւնը ապահովելու համար, 1896էն սկսեալ Մարաշի մէջ կը հաստատուէր ֆրանսական փոխ-հիւպատոսութիւն մը։ Այդ փոխ-հիւպատոսները կ’ըլլան. 1. Մէօսիէօ Ատրիէն Պարթէլըմի (Barthelemy) 2. Մէօսիէօ Ֆէրտինան Վիյէթ (Viet) 3. Մէօսիէօ Փօլ Թէյիէ (Theillet)
220
4. Մէօսիէօ Ալպէռ Պլանշօն (Blanchon) 5. Մէօսիէօ Տընի (Denys) 6. Մէօսիէօ Էմիլ Լօռժու (Lorgeou) 7. Մէօսիէօ Մօրիս Կրաբէն (Grapen) 8. Մէօսիէօ Հապիպ Էտտէ, 1915 (Edde) Վերոյիշեալ գործադրութիւններէն զատ, կ’ըլլան նաեւ ուրիշ կարգադրութիւններ, որոնք մեծապէս կը նպաստեն Զէյթունի բնակչութեան առողջապահական, կրթական եւ առեւտրական զարգացման։
1. Բժշկական օգնութիւն Ապստամբութենէն վերջ, Զէյթուն կը հանդարտի օրէ օր. համաճարակը որ տիրող անսուաղութեան եւ անթաղ մնացած դիակներու պատճառով մեծ աւերներ կը գործէր սկիզբը, հետզհետէ կը նուազի։ Պայմանագրութեան կնքումէն յետոյ, երբ Հնչակեան պարագլուխները կը մեկնին, հիւպատոսները մարդասիրաբար ամէն խնամք եւ օգնութիւն կը հասցնեն զէյթունցի քաջերուն։ Առաջին զգալի պէտքը, բժիշկներու չգոյութիւնը կ’ըլլայ, ուստի Այնթապէն կու գայ ամերիկացի բժիշկ մը` Տօքթ. Բ. Շէփըրտ։ Դիմում կը կատարուի նաեւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Ընկերութեան Պոլսոյ ներկայացուցիչին։ Ամերիկացի բժիշկին առաջին գործը կ’ըլլայ` մաքրել տալ տիրող աղտեղութիւնները եւ վերցնել անթաղ մնացած դիակները։ Շուտով հիւանդանոցի կը վերածուի` Միացեալ Ընկերութեանց Զէյթունի Ճեմարանը։ Հոն 1000ի մօտ մահճակալներ կը զետեղուին։ Դեղերն ու այլազան պիտոյքները ձրիաբար եւ առատօրէն կը հոգացուին։ Հիւպատոսները կը ջանան օգնել բոլոր կարօտեալներուն, աղքատներուն եւ հիւանդներուն, ժողովուրդի հանգստութեան եւ առողջութեան համար բոլոր կարելի կարգադրութիւններն ու աշխատութիւնները կատարելով։ Հիւպատոսները ամէն օր քաղաք կ’իջնեն այդ նպատակով, որոնց մէջ անգլիական եւ իտալական հիւպատոսներու եւ այս վերջինին ընկերոջ Տօքթ. Բ. Բասքուինօլիի ջանքերն անուրանալի կ’ըլլան։ Այդ օրերուն, Զէյթունի մէջ տիրող սաստիկ ցուրտին եւ անօթութեան պատճառով, փորհարութիւնն ու թիֆօն մեծ ջարդ կը գործեն, մասնաւորաբար երեխաներուն մէջ։ Էթհէմ բաշա, այդ հիւանդութիւնը քօլերայի վերագրելով, կ’ուզէ քարանթինաներ հաստատել տալ, որպէսզի Զէյթուն կտրուի հաղորդակցութենէ եւ չկարողանայ արտաքին օժանդակութիւններ եւ նպաստներ ընդունիլ, ինչ որ հիւպատոսները կ’ընդդիմանան։ Էթհէմ բաշա կ’առաջարկէ նաեւ` զինուորներ ուղարկելով քաղաքի փողոցներուն մէջ եղած դիակներն ու անմաքրութիւնները հաւաքել, եւն. սակայն զէյթունցիներ թաքուն նպատակ տեսնելով այդ առաջարկի մէջ, եւ մանաւանդ չուզելով թուրք զինուորներ մտցնել քաղաքը, կը մերժեն, եւ իւրաքանչիւր թաղեցի խնամք
221
կը տանի իր թաղի մաքրութեան։ Անգլիական հիւպատոսը, Տօքթ. Բ. Շէփըրտի հետ Ապրիլի սկիզբը` Հալէպի իր պաշտօնատեղին մեկնելով, իր տեղ փոխանորդ կը կարգէ` հայախօս ամերիկացի միսիօնար Պ. Ֆ. Մէքլըմ։
2. Դրամական նպաստ Դրամական նպաստներ կու գան ամէն կողմերէ, գլխաւորաբար Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն։ Յիշատակութեան արժանի է` իտալական եւ անգլիական հիւպատոսներու ցոյց տուած համակրանքը եւ օգնութիւնը։ 1896 Մարտին, Զէյթուն կը հասնին 30 բեռ ալիւր եւ 160 բեռ իւղ, շաքար, հագուստ եւն։ Ամերիկուհի միսիօնար` Միս Ռէքթանըլ, 2000 ոսկի անձամբ կը տանի Զէյթուն, կարօտելոց բաշխուելու համար։ Հիւպատոսները բոլոր գիւղացիներուն եւ կարօտեալներուն կը բաժնեն մօտ 3-400 ոսկի։ Օրական կը բաշխուին 4-500 օխա ալիւր, իւղ, զգեստ, եւ մասնաւորաբար դրամ, զոր կը կատարեն վերոյիշեալ հիւպատոսները` այցելելով իւրաքանչիւր տուն, եւ իւրաքանչիւր անհատի անխտիր տալով մէկական մէճիտ։ Թէեւ յապաղած, այլ ո՛չ աննկատելի այս օժանդակութիւնները, որքան ալ անբաւարար ըլլային` պատճառուած մեծ վնասները դարմանելու համար, այսուհանդերձ ատոնք ցոյց կու տային` յաղթական Զէյթունի շուրջ ստեղծուած օտարներու հետաքրքրութիւնն ու զործնական համակրանքը։ Օտար աղբիւրներէ հասած օժանդակութիւններէ զատ, քանի մը հայ թերթերու սիւնակներուն մէջ եւ բարեսիրական ընկերութեանց կողմէ` ի նպաստ Զէյթունի աղէտեալներուն, կը բացուին հանգանակութեանց ցանկեր, իսկ ազգին մնացեալ ամբողջութիւնը, եւ մասնաւորաբար պաշտօնական մարմինները անտարբեր վերաբերում մը ցոյց կու տան` հերոս Զէյթունի ցաւերը ամոքելու գործին նկատմամբ։ Զէյթուն, 1895ի ճգնաժամը անցնելէն ետք, բաւական ատեն խաղաղ կը մնայ, որովհետեւ թէ՛ պատերազմի մէջ ունեցած անձի կորուստը, թէ՛ Զէյթունի եւ շրջակայ գիւղերու նախնական տնտեսութեան փճացումը պէտքը կը զգացնէին նոր ջանքերու։ Մանաւանդ նոր ստորագրուած դաշինքէն անմիջապէս ետքը` գոնէ ատենուան մը համար, սպասելի չէին անդորրութիւնը խանգարող դէպքեր։ Յետ-ապստամբական շրջանին, Զէյթուն կը կառավարուի քրիստոնեայ գայմագամներով ու վիճակը կը շարունակուի բնականոն։ Քանի մը տարիներ արդէն բաւական կ’ըլլան աւելորդ անգամ մըն ալ հաստատելու թէ թուրք կառավարութիւնը ինչպէ՛ս կը գործադրէ իր յանձնառութիւնները` մինչեւ իսկ եւրոպական վեց պետութիւններու երաշխաւորութեամբ ապահովուած։ Արդէն վեց պետութեանց յաճախ իրարու մրցակից երաշխաւորութիւնը բաւական պատճառ մը կրնար ըլլալ այդ յանձնառութեանց չէզոքացման։
222
Զէյթուն, իր տնտեսական վերականգնումի ջանքերուն հետ, յառաջ կը տանէր` կրթական եւ ընկերային իր համեստ ճիգերը, աւելի զարկ տալով դպրոցներուն, օգնելով իր կարօտեալներուն եւ փարելով իր հաւատքին։
ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ ՀԱՅ ԹԷ ՕՏԱՐ ԴԱՏՈՒՄՆԵՐ
Հետաքրքրական է արդարեւ գաղափար մը կազմել յայտնուած այն այլազան կարծիքներու եւ դատումներու մասին, որոնք մօտ կէս դարէ ի վեր պատմական երկերու կամ զանազան հրատարակութիւններու մէջ յիշատակուած են` Զէյթունի 1895ի ապստամբութեան շուրջ։ Այդ հարցով զբաղող, եւ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող աւելի քան 70 տարբեր հեղինակութիւններու մէջէն, կատարելով աննախընթաց փորձ մը եւ յետ մանրակրկիտ քննութեան, ստորեւ քաղուածաբար կու տանք անոնցմէ կարեւորագոյնները, ցոյց տալու համար մեր ազատագրական բովանդակ պայքարին մէջ այդ շարժման` պատմականօրէն ստացած բացառիկ նշանակութիւնը եւ արժէքը։ Ամբողջ գրականութիւն մը կայ նուիրուած այս ահագնադղորդ շարժման վրայ ինչպէս պիտի տեսնուի հետեւեալ քաղուածքներէն. ...Նոյն այդ կոտորածի տարին (1895), աշնանը, չորս Հնչակեան գործիչներ մտան Զէյթուն եւ բռնկեցրին այդ երկրին յատուկ ապստամբութիւններից մէկը, որ ունեցաւ այդ երկրի համար շատ յաջողակ ընթացք։ Կառավարութիւնը կարողացաւ այնքան զէնք կեդրոնացնել, որ զէյթունցիները, թողնելով յարձակողական պատերազմը, անցան պաշտպանողականի։ Զէյթունը պաշարուեց, բայց քաջաբար դիմադրեց` Օսմանեան կանոնաւոր բանակին, ամբողջ 48 օր։ Սուլթանի համար ստեղծւում էր անախորժ դրութիւն, եւ վեց մեծ պետութիւնների դեսպաններն առաջարկում են նրան իրենց օգնութիւնը եւ հրաման են ուղարկում` Հալէպի իրանց հիւպատոսներին` միջամտել։ Հիւպատոսները խիստ ձմրան մէջ գնում են թրքական բանակը, եւ միջնորդ հանդիսանալով, վերջ են դնում լեռնցիների ապստամբութեան։... Այսպէսով, Հնչակի մեծամտութիւնը փրկւում է Զէյթունի ապստամբութեամբ։ Լէօ (Առաքել Բաբախանեան), Թիւրքահայ յեղափոխութեան գաղափարաբանութիւնը, Ա. հատոր, Բարիզ, 1934, էջ 191։ 1895-96 հայկական կոտորածներու շրջանին, իրարմէ անջատ քանի մը դիմադրութիւններ գործուեցան, որոնցմէ ամէնէն լուրջն հանդիսացաւ Զէյթունինը` տէրութեանց ուշադրութիւնը գրաւելու աստիճան, եւ որով Եւրոպական միջամտութիւն մը 1896ի ձմրան` բանակցութիւններու միջոցաւ ցրուեց` պաշարող թուրք բանակը եւ Զէյթունի հայութիւնը
223
փրկուեցաւ` նոյնիսկ քանի մը զիջումներ ձեռք բերելով թուրք կառավարութենէն։ Հ. Երամեան, Յուշարձան, Ա. հատոր, Աղեքսանդրիա, 1929, էջ 345։ Զէյթունի 1895ի պատերազմը կը մնայ ո՛չ միայն յեղափոխական` այլ բովանդակ հայութեան դարեւոր ստրկութեան շրջանին մէջ ազատագրական անմահ էջ մը։ Նուրհան Լուսինեան, Երիտասարդ Հայաստան, Նիւ Եորք, 14.12.1935։ 1895-96ի կոտորածներուն առթիւ հայոց կողմէ պատահական ընդդիմութեան մասին ակնարկներ ըրինք, եւ դիտել տուինք անոնց ապստամբութեան ձեւ տալ ուզուիլը, թէպէտ անհիմն կերպով, զի ոչ իշխանութեամբ եւ օրինապէս հրամայուած գործ մըն էր որ կը կատարուէր, այլ անզուսպ խուժանի ձեռնարկ մը, որուն դէմ ոչ մի օրէնք չէր արգիլեր անձնապաշտպանութեան իրաւամբ դիմադրել։ Այդ ընդդիմութեանց կարգին յատկապէս խօսուեցաւ Վանայ քաղաքին մասին։ ...Այդ շարժումէն աւելի նշանաւոր եղաւ Զէյթունի շարժումը։ ...Զէյթուն զանազան ժամանակներ խօսիլ տուած է իւր վրայ։ 1862էն ասդին յիշատակաց արժանի պարագայ մը չէր հանդիպած մինչեւ որ 1895ի դէպքերը զէյթունցիները գրգռեցին, եւ պետական շրջանակներ սկսան խեթիւ նայիլ Զէյթունի վրայ։ Հնչակեան գործիչներն ալ յարմար դատեցին Զէյթունի մէջ շարժում մը գրգռել, որ իրենց կարծիքով պիտի զօրացնէր բարենորոգմանց ծրագիրը, եւ հակակշիռ մը պիտի ըլլար ընդհանուր կոտորածին։ Կուսակցական 4 գործիչներ յատկապէս Զէյթուն եկան, Աղասի, Հրաչեայ, Ապահ, Մլեհ կեղծանուններու ներքեւ, որոնց հետ էին ուրիշ երկու օժանդակներ կեղծանունով Նշան եւ Կարապետ, եւ սկսան յայտարարութիւններ սփռել, նախապատրաստութիւններ կարգադրել եւ Զէյթունի 4 թաղերէն գործակիցներ տրամադրել։ ...Կառավարութիւնը մեծ ապստամբութիւն մը նուաճելու ձեւով սկսաւ զօրաւոր բանակ մը կազմել Ասորիքի գաւառներէն եւ մինչեւ իսկ Մէքքէէ եւ Եէմէնէ գունդեր բերելով։ Օրմանեան ամբողջ 7 սիւնակներու մէջ ամփոփելէ յետոյ այդ անցքերը, կ’եզրակացնէ. Վեց տէրութիւններ Զէյթունի համար միջամտելով, խլրտող լեռնցիներուն խնդիրը պատուաւոր տեսակէտով կը փակէին։ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, Ազգապատում, Գ. հատոր, Երուսաղէմ, 1927, ս. 5031-5038։ Զէյթուն անգա՛մ մըն ալ կը բարձրացնէր ազատութեան դրօշակը եւ ցոյց կու տար թէ միայն մորթուելու համար չէ որ հայը ստեղծուած է. զարնե՛լ ալ գիտէ, բաւ է որ ձեռքը ունենայ երկաթի մը կտոր։ Մէկ երկու երիտասարդ Հնչակեան յեղափոխականներ, մտնելով այդ ժողովուրդին ծոցը, կրակը տուած էին սրտերու պատրաստ վառօդին։ Եւ աշխարհ հիացումով տեսաւ որ քանի մը հազար լեռնական հայ դիմադրելով 100,000 զինուորի, յաղթանակը կորզելու կարող էին։ Մեր ազգային վշտին սփոփանքը եղաւ Զէյթուն։ «Նահատակ ժողովուրդ» հռչակուիլը ա՛լ
224
ձեռք կու տար. սրբութեան տիտղոս, բայց ո՛չ փրկութեան առաջնորդ։ Մարտիրոսի դերը կարեկցութիւն կը շարժէ, երբեմն ալ հիացում կ’ազդէ, բայց ո՛չ յարգանք։ Ճնշուած ժողովուրդ մը ակնածելի ըլլալով է որ կրնայ ապագայ յուսալ։ Հինգ ամիս շարունակ ո՛չ միայն աշխարհը այլ Ամիրիկա ու Եւրոպա ակնդէտ աչքերնին յառեցին այն խրոխտ լեռներուն վրայ ուր ազատութեան եւ բռնակալութեան միջեւ այնքան անհաւասար ուժերով պատերազմ կը մղուէր։ Եւ սակայն մինչեւ ե՞րբ կրնային դիմանալ ափ մը հայեր` զրկուած հացէ, աղէ, վառօդէ ու զէնքէ։ Թուրք բանակը սպառազինուած էր ամէնէն կատարելագործեալ զէնքերով, անոնց դէմ զէյթունցին ունէր նահապետական հրացանը։ Զօրանոցէն գրաւուած 400 մարթինիներովն էր որ զէյթունցի հայը դիմադրեց ու յաղթեց։ Եւ դուրսէն աջակցութիւն մը չէր հասներ։ Բացագանչութի՞ւն, շա՛տ. օգնութի՞ւն, բնա՛ւ։ Կացութիւնը աննպաստ էր. վիճակին վրայ ճշգրիտ տեղեկագիր մը հասաւ Պոլիս` Պատրիարքարան։ Իզմիրլեան պատրիարք ճարտար դիւանագիտութեամբ մը, որ իր փառքի տիտղոսներէն մէկը պիտի մնայ, յաջողեցաւ եւրոպական միջամտութիւն մը հրաւիրել Զէյթունի համար։ Նպաստաւոր հաշտութիւն մը կը կնքուի. հաշտութիւն որուն պայմանները սակայն չեն յարգուիր, եւ Զէյթունի կացութիւնը չի կրեր ո՛րեւէ հիմնական փոփոխութիւն։ Զէյթունի ապստամբութիւնը մեր վերջի ժամանակներու պատմութեան ամէնէն աւելի յատկանշական գործերը կը պարունակէ։ Զէյթունը եթէ մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն փառաւոր էջն է, միանգամայն հայ ազգին համար ամօթի գլուխն է։ Պատերազմէն ետք զէյթունցիները անօթի մնացին. դիւցազները ձեռքերնին երկնցուցին եւրոպացիներու։ Ո՛չ հաց, ո՛չ դեղ, ո՛չ բժիշկ ղրկուեցաւ հայոց կողմէ։ Եթէ հինգ ամսուան ապստամբութիւնը միայն հարիւր հայու մահ պատճառեց, բժիշկի, դեղի, հացի պակասութիւնը ուրիշ հազարաւոր կտրիճներ գերեզման տարաւ...։ Հերձուածող Հնչակ, Լոնտոն, 15.1.1897։ Զէյթուն, ի լուր ազգային աղէտին եւ բարբարոսութեան որոտումներուն, թօթուըւեցաւ ու սուրը քաշեց։ Իր 2000 մտրտիկներն աննկուն քաջութեամբ դիմադրեցին թրքաց 75,000է բաղկացած բանակին երկար ամիսներ։ Վերջապէս ապշած Եւրոպայի միջամտութեամբ ընդհարումը վերջացաւ եւ Զէյթուն յայնմհետէ քրիստոնեայ Գայմագամով կառավարուեցաւ` փոխան մահմետականի։ Չնչի՛ն վարձք։ Բայց աւելի մեծ վարձք մ’ալ ունեցաւ անիկա, ցոյց տալով աշխարհի թէ հայ ցեղը ի՞նչ եղած է երբեմն ու ի՞նչ ընել կրնայ դեռ իբրեւ զինուոր։ Տօքթ. Մ. Սմբատ Գաբրիէլեան, Հայկական ճգնաժամն եւ վերածնութիւն, Պոսթոն, 1905։
[1895ին] բռնկեցաւ Զէյթունի ապստամբութիւնը, եւ երբեք հայ յեղափոխութեան վարիչներուն ընթացքը այնքան ապիրատ, այնքան բացարձակօրէն, աններելիօրէն ոճրագործ չեղաւ որքան այդ դէպքին։ Զէյթունի մէջ պատահածը, ուրիշ տեղի դէպքերուն պէս, արիւն թափել տալու համար սարքուած խռովութիւն մը չէր. ապստամբութիւն մըն էր. զէնքի վարժ լեռնցիներու ժողովուրդ մը, տեսնելով որ Տաճիկը իր վրայ կու գար, որոշեց,
225
ինչպէս միշտ, չջարդուիլ. եւ զէնքը ձեռքը դէմը ելաւ թշնամիին, ու վեց ամիս դիմադրեց։ Տարակոյս չկայ որ հայ յեղափոխութեան մէջ ոչ մէկ դէպք այդ լրջութիւնը, այդ կարեւորութիւնը, այդ դրական ու բեղուն հանգամանքը ունէր որչափ այդ դէպքը. Մելիքոֆին «վարն» էր որ կը կայծկլտար11, ինքնաբերաբար, լեռնցիներու բնազդական ճիգովը. հոտ բան մը կար ընելու, հոտ պէտք էր բան մը ընել. եւ ահա ըլլուելիք բանը սկսեր էր, յաջողելու վրայ էր. պէտք էր հոն թափել ամէն զօրութիւն, պէտք էր ամբողջ ազգը իր ամէն տեսակ ուժերը հոն կեդրոնացնէր։ Ի՞նչ ըրին մեր վարիչները։ Նազարբէկ շատացաւ պարծենալով իր թերթին մէջ թէ ապստամբութիւնը ինքը կազմակերպած էր, ինչ որ բացարձակ ստախօսութիւն մըն էր, եւ Պոլսէն ու ամէն կողմէ ղրկուած գումարներէն ոչինչ կրցաւ կամ ուզեց (երկու պարագային մէջ ալ յանցաւոր) Զէյթուն հասցնել։ Իսկ Դրօշակեանները մատերնին անգամ չշարժեցին, որովհետեւ այդ գործը կը նկատէին իբր Հնչակեան գործ մը, եւ ատիկա զիրենք չէր հետաքրքրեր։ Այդ վեց ամսուան հոյակապ դիմադրութեան վրայ տասը-քսան տողով համեստ լուրեր միայն հրատարակեցին իրենց Դրօշակին մէջ։ Եւ դրամի, օգնութեան պակասէն ուժասպառ, անօթութենէն քամակակոր, Զէյթուն դիմեց Եւրոպային, գթութիւն հայցելով։ Եւ Զէյթուն այնչափ յարգելի անուն մըն է, որ Եւրոպան լսեց անոր ձայնը եւ զայն ջարդէ ազատեց ու նոյն իսկ փոքրիկ առանձնաշնորհում մը տուաւ անոր, այն նոյն Եւրոպան որ ամբողջ Հայաստանի աւերումը լուռ ու մունջ դիտած էր։ Արշակ Չօպանեան, Անահիտ, Բարիզ, Ա. տարի, 1899, թիւ 3, Յունուար, էջ 97։ 1894ին տաճիկը խմած էր Սասունի արիւնը, շահախնդիր Եւրոպան տակաւին կը զբաղէր «Մայիսեան նախագիծ»ով, նոյն ատեն տեղի ունեցած էր Պոլսոյ Հնչակեաններու ցոյցը։ Սուլթանը ստորագրած էր «նախագիծ»ը եւ միաժամանակ հրահանգ տուած ընդհանուր կոտորածի` որ արդէն ծայր տուած էր հայկական գաւառներուն մէջ, եւ միաժամանակ պայթած էր Զէյթունի ապստամբութիւնը։ Սասնոյ կոտորածէն յետոյ, երբ ընդհանուր լքում ու յուսահատութիւն տիրած էր ամէնուրեք, Հնչակեան Կեդրոնէն մասնաճիւղերուն հասած էր գաղտնի շրջաբերական մը, որուն մէջ Նազարբէկ Կիլիկիոյ մէջ մօտալուտ ապստամբութեան կարելիութիւնը կը շեշտէր եւ անյետաձգելիօրէն նիւթական օժանդակութիւն կը խնդրէր ընկերներէն։ Հնչակեան մասնաճիւղեր որ նախապէս մասնակի գումարներով օժանդակած էին յեղափոխական ձեռնարկներուն, այժմ հրապարակ կու գան ընդհանուր հանգանակութեամբ, ի նպաստ Զէյթունի ապստամբութեան։ Զէյթունի ապստամբութեան լուրը` հակառակ տիրող տնտեսական տագնապին, աւելի հրահրեց հայ երիտասարդութեան մէջ պարտականութեան ու զոհողութեան զգացումը։ Հնչակեաններ ընդ առաջ եկան թէ՛ դրամով եւ թէ՛ կամաւորներով, գաղութներու ուժը ի սպաս դնելով Զէյթունի պատմական ապստամբութեան։ Անոնք որ կազմակերպած ու առաջնորդած էին Հնչակեան շարժումները, յոյս դրած էին օտար միջամտութեան վրայ, խորհելով որ հայոց թափած արիւնը գէթ պիտի շարժէր Եւրոպան, ինչպէս շարժած էր Պալքանեան ժողովուրդներուն հալածանքը։ Կը յուսայինք գոնէ բարենորոգմանց ծրագրին գործադրութիւնը տեսնել, սակայն աւա՜ղ ան ալ
226
չիրականացաւ, եւ հայ արիւնը թափուեցաւ անօգուտ։ Եւրոպան անկարեկիր ու անտարբեր հարիւր հազարաւոր անմեղներու արիւնին հանդէպ, գործնական որեւէ քայլ չէր առներ, ո՛չ թէ հայոց իրաւունքը պաշտպանելու, գէթ զայն ջարդերէ ազատելու համար։ Զէյթունի ապստամբութեան հետեւանքով հիւպատոսներու միջամտութիւնը հազիւ կրցած էր ապահովել քրիստոնեայ կառավարիչի մը պաշտօնավարութիւնը տեղւոյն կառավարութեան մէջ։ Մանուկ Ճիզմէճեան, Պատմութիւն ամերիկահայ քաղաքական կուսակցութեանց, 1890-1925, Ֆրէզնօ, 1930, էջ 50-52։ Անշուշտ ինձ չի վայելեր ընել գովասանքը գործի մը որուն դերակատարներէն մին եղած եմ։ Զէյթունի ապստամբութիւնը ո՛չ թէ մէկ այլ մօտաւորապէս 48 ճակատամարտներ եւ վեց ամսուայ փառապսակ շարժում մըն էր։ Այս ապստամբութիւնը արդիւնքն էր չորս տարուայ անխոնջ աշխատութեանց, եւ ո՛չ թէ ռուսական, անգլիական, գաղղիական կամ որեւէ Եւրոպական պետութեան մը շահադէտ դրդումներուն։ Այդ շարժումը ղեկավարողները չէին կրեր ռուսական կամաւորի համազգեստը, չէին կրեր գաղղիական տարազը, կամ անոնց շքանշաններն ու զինուորական տիտղոսները։ Անոնք ոչ ամսական կը ստանային անոնցմէ, ո՛չ ռազմական օգնութիւն։ Այս ապստամբութիւնը զուտ ազգային եւ յեղափոխական էր իր կազմակերպութեամբը, իր ընձեռումով եւ իր ծրագրով։ Նա կազմուած էր հայ ցեղին շահուն ծառայելու եւ հայ ցեղը իր ճակատագրին տէրն ընելու համար։ Այս ապստամբութիւնը վարող հայ ինքնաստեղծ զօրականները իրենց յեղափոխական համազգեստներո՛վ կը հպարտանային, որոնց վրայ երկու գիր կը փայլէին. «Հ.Կ.» որ իր կազմակերպութեան մէջ կը նշանակէր «Հնչակեան Կուսակցութիւն» եւ իր յաղթանակի միջոցին հոմանիշ կը դառնար «Հայկական Կառավարութիւն» բառերուն։ Այս ապստամբութիւնը, իր ինքնաստեղծ ուժով եւ զուտ յեղափոխական եւ ազգային հանգամանքով, միակ յաջող եւ պսակուած ապստամբութիւնն է որ տեղի ունեցած է Ռուբինեանց թագաւորութեան անկումէն ի վեր։ Եւ եթէ հայ պահպանողականները գիտնային իրենց պարտքը կատարել ամբողջութեամբ, հայ ինքնավարութիւնը կը ստեղծուէր 1896ին, եւ այսօր հայ ազգը տարբեր ճակատագրի մը տէրը կը լինէր։ Աղասի, Յառաջաբան` Ս. Շահէնի Զէյթուն թատրերգութեան, Նիւ Եորք, 1920։ Լքումի եւ յուսախաբութեան այս շրջանին, մխիթարութիւն մը բերաւ Զէյթունի ապստամբութիւնը։ Աղասի եւ ընկերներ ըմբոստութեան դրօշակը բարձրացուցին (1895 Հոկտեմբեր)։ Ընդհարում մը տեղի ունեցաւ Օսմանեան զօրագունդի մը հետ։ Զէյթունցիք գերի բռնեցին գայմագամը` 600 զինուորներով։ Համիտ Զէյթունի վրայ ղրկեց Րէմզի բաշան` 10,000 զօրքերով։ Թուրք բանակին յարձակումները ետ մղուեցան` բազմաթիւ կորուստներ պատճառելով իրեն։ Պաշարումը երկար տեւեց, անօթութիւնը պիտի ստիպէր արի լեռնականները անձնատուր ըլլալու, երբ Իզմիրլեանի ազդու դիմումներուն վրայ` դեսպանները միջամտեցին, եւ Իտալիոյ ծերունի հիւպատոսին հայասէր ջանքերուն շնորհիւ` փոխադարձ զիջումներով հաշտութիւն մը կնքուեցաւ 1896ի գարնան։ Այնուհետեւ Զէյթունի գայմագամը քրիստոնեայ մը պիտի ըլլար։ Ստ. Պալասանեան, Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց, Պոլիս, 1922, էջ 527528։
227
1895ին պայթեցաւ Զէյթունի ապստամբութիւնը։ 5000 լեռնցի հայեր, Հնչակեաններու առաջնորդութեամբ, երկա՜ր ամիսներ քաջաբար դիմադրեցին` Լարիսայի յաղթական` Էթհէմ բաշայի 30,000 հոզինոց բանակին։ Եւրոպա միջամտեց` հայկական Մօնթէնեկրոյի բնաջնջումը արգիլելու համար, եւ սակայն Պերլինի դաշնագրով խոստացուած բարենորոգումները կը մնային մեռեալ տառ։ Միքայէլ Վարանդեան, L’Arménie et la question arménienne, Բարիզ, 1917, էջ 61-62։ Զէյթունի ապստամբութիւնը (1895-96թ.), որ իրօք հայ ազատագրական շարժման կարեւորագոյն դրուագներէն մինն է եւ որու մէջ խոշոր դեր ունեցան Հնչակեան խմբապետներ – Աղասի, Ապահ, Մլեհ, Հրաչեայ Մարալ։ Բայց այդտեղ եւս նոյն անփոյթ վերաբերմունքը, որ երեւան եկաւ կուսակցութեան պառակտումի օրերուն, 1896ին։ Արդարեւ, Տամատեաններու կողմէ (Հնչ.) հին Կեդրոնի դէմ արձակուած դատապարտութեան վճռագրի մէջ, գլխաւոր մեղադրանքերէն մէկն ալ այն էր` որ կեդրոնը իր ձեռքը գտնուած զէնքերէն ու մեծաքանակ դրամէն կէսը միայն ղրկած էր ապստամբներուն եւ ան ալ ուշ ու ձախող կերպով։ Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Ա. հատոր, Բարիզ, 1932, էջ 66։ 1895ի Զէյթունի ապստամբութիւնը, սովորական յեղափոխութենէ մը աւելի, կանոնաւոր պատերազմ մըն էր. համաժողովրդական ցասումին պոռթկումը` արիւնարբու կայսրութեան ահարկու ուժերուն դէմ։ Հայ ռազմավարութիւնը, ճակատ առ ճակատ պատերազմելու արուեստը իր կատարելութեամբ կիրարկուեցաւ, ու Եւրոպա, կամայ-ակամայ, սքանչացումով հաստատեց այդ կատարելութիւնը։ Ապստամբ Զէյթունի բանաձեւած պահանջները, Եւրոպական հիւպատոսներու երաշխաւորութեան տակ, ընդունուեցան` համիտեան յաղթահար կառավարութենէն, եւ ապստամբութեան Հնչակեան ղեկավարները ապահովութեամբ վերադարձան արտասահման։ Պատերազմը շահած էինք, շահելով նոյնպէս` բովանդակ աշխարհի կատարեալ հիացումը։ Հմ. Արամեանց, Վերածնունդի երկունքը, Ա., Պոլիս, 1918, էջ 31։ Ապտիւլ Համիտ, «Մայիսեան ծրագիր»ը ստորագրելէ վերջ, այդ ծրագրի գործադրութեան իբր փայլուն ապացոյց, ազդանշանը կու տայ Հայաստանի ընդհանուր ջարդերուն...։ Եւ ահա՛ Զեթուն կ’ապըստամբի, վրէժը լուծելու իր հազարաւոր նահատակ եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Շուրջ 100 հազար կանոնաւոր թէ անկանոն զօրագունդերու դէմ ինքզինք կը պաշտպանէ ամիսներով, հերոսական նախճիրներ կը գործէ, բովանդակ Եւրոպան ապշահար կը թողու իր գերմարդկային ճիգերովը, եւ ի վերջոյ եւրոպական վեց մեծ տէրութեանց միջամտութեամբը կը կնքուի պատուաւոր հաշտութիւն մը, Զեթունի համար ընդունուելով մէկ քանի առանձնաշնորհումներ, ինչպէս քրիստոնեայ կառավարիչ, տուրքերու ջնջում կամ թեթեւացում, եւն։ Հայկական ընդհանուր ջարդերուն հանդէպ անզգած ու անտարբեր
228
գտնուող Եւրոպան, այդպէսով ծիծաղելի դիրքի մը կ’ենթարկուէր։ Սմբատ Բիւրատ, Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, Պոլիս, 1914, էջ 217։ Զէյթուն, աւելի քան 40 օրեր, իր վրայ խուժող 110,000 կանոնաւոր զօրքերուն ու պաշը պօզուքներուն հետ կռուեցաւ, իր աւանդական դարձած ու առասպելական համեմատութիւններ ստացող ուժովը։ Ի վերջոյ եւրոպական պետութիւնները միջամտեցին ու վերահաս բնաջնջումէ ազատեցին` հայութեան պարծանք այդ խումբ մը քաջերը, հիանալով` լեռնցի կտրիճներու աննկուն ոգիին ու անտեղիտալի յամառութեան, որուն կառչած էին` «Մահ կամ ազատութիւն» ուխտելով։ Սուրէն Սուրէնեան, Մեր երէկը, անձնական յուշեր, Պօսթըն, 1936։ Հնչակեան Կուսակցութի՛ւնն էր որ կազմակերպեց Զէյթունի հռչակաւոր եւ պատմական ապստամբութիւնը (1 Նոյեմբեր 1895), որուն շնորհիւ պարտութեան մատնուեցան 110,000 զինուորներէ բաղկացած թրքական բանակները։ Յունաստանի ապագայ անպարտելին` Էթհէմ բաշա, որ Սուլթանին խոստացած էր 48 ժամուան մէջ Զէյթուն մոխրակոյտի վերածել, ստիպուեցաւ խոստովանիլ իր պարտութիւնը, եւ Համիտ, մեծ տէրութեանց միջամտութեան դիմեց։ Զէյթուն ընդունեց վերջիններուն առաջարկը, եւ 16 յօդուածներէ բաղկացեալ հաշտութեան պայմանագրութիւն մը ստորագրուեցաւ երկուստեք։ Հնչակեան պարագլուխները Եւրոպա ուղարկուեցան` զինուորական պատիւներով։ Զէյթուն ունեցաւ քրիստոնեայ կառավարիչ եւ կարգ մը առանձնաշնորհումներ։ Յակոբ Թիւրապեան, Ararat ամսագիր, Լոնտոն, Մայիս 1916։ Այս 45-օրեայ ահեղ պատերազմին մէջ Րէմզի եւ Էթհէմ փաշաները սուլթան Համիտ Բ.ի փափաքին համեմատ բոլոր զէյթունցիները բնաջինջ կորսնցնելու ծրագիրը եթէ չյաջողեցան գործադրել, գէթ անոնց պարտէզներու եւ այգիներու ամէն ծառերը արմատախիլ ընելով ամայի անապատ մը դարձնելու մեծ քաջութիւնն ունեցան, մարդոց գլուխներու տեղ ծառոց բուները կտրելով իրենց գազանային կրից յագուրդ տալ կարծեցին. գիւղեր եւ աւաններ թուով 93 -, նաեւ եկեղեցիներ ու վանքեր այրելով նուիրական պարտականութիւն մը կատարած համարեցին. եւ այդ է արդէն իրենց կոչումը։ Մոնկոլական ամէն վայրագութեանց իսկատիպ պատկերը եւ ճշմարիտ մարմնացումը եղող սուլթանը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ մտքով յանկարծ հաշտուելու որոշում տուաւ այժմ, որուն իբրեւ միջնորդ` Պոլսոյ դեսպանատանց հրահանգովը Զէյթուն եկան մեծ տէրութեանց Հալէպի հիւպատոսք։ Մնացական Սէմէրճեան (Զէյթունցի), Զէյթունի անցեալէն ու ներկայէն, Բ. հատոր, Բարիզ, 1903, էջ 70։ Զէյթունի պատմութեան մէջ, 1780էն մինչեւ 1895, կը հաշուըւին 41 պատերազմ եւ 16 դէպքեր։ Սակայն, 1895ի ահեղ կռիւը, որ պետութեան մը դէմ` քաղաքաւանի մը անժխտելի յաղթանակն էր, փառապսակը կ’ըլլայ Զէյթունի քաջութեան։ Այսօր ինչ որ ալ ըսուի, դեռ երէկի արիւնոտ փորձառութիւններէն գիտենք թէ` ազատ
229
մարդու պէս ապրելու համար, գեղջուկ զէյթունցիին գործնական ըմռնումը ամէնէն ուղիղն էր։ Երանի՜ թէ շատ կանուխէն, քանի մը Զէյթուններ գլուխ բարձրացուցած ըլլային Տաւրոսի անառիկ սարերուն մէջ։ Շատ հաւանաբար, Կիլիկիոյ վայրավատին հայութեան ճակատագիրը այս օրուանէն տարբեր պիտի ըլլար։ Քանի որ դեռ շատ դարեր, աշխարհ պիտի երկրպագէ բիրտ ուժին, դաւանելով թէ «իրաւունքը զօրաւորինն է»։ Գրիգոր Գալուստեան, Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եօրք, 1934, էջ 84 եւ 169։ Ջարդի սոյն օրերուն (1895), Մարաշ կանոնաւոր զինուորներով լեցուն էր, որոնք օր ըստ օրէ կը ստուարանային, ու կ’երթային Զէյթուն, որ ապստամբութեան դրօշը պարզած էր արդէն եւ ընդհարումը սկսած։ Օսմանեան կառավարութիւնը կանոնաւոր բանակէ եւ զօրքէ զատ բազմաթիւ «պաշըպօզուք»ներ եւս տարած էր հոն` ընդ հրամանատարութեամբ Միւշիր Էտհէմ փաշայի եւ Գնդապետ Ալի պէյի. եւ սակայն անոնք քիչ յետոյ ամօթահար ու կորակոր պիտի վերադառնային Մարաշ, քանզի Զէյթուն կը յաղթէր, եւ հազիւ զէնքը վար կը դնէր` Հալէպէ եկող Եւրոպական պետութեանց հիւպատոսներուն միջամտութեամբը, որով զէյթունցիք ձեռք կը բերեն կարգ մը առանձնաշնորհումներ, որոնցմէ մին էր եւ գլխաւորը, յետ այնու նշանակուելիք Գայմագամին քրիստոնեայ ըլլալը։ Զէյթունի սոյն ապստամբական շարժման պարագլուխ եւ ղեկավարները եղած են Հնչակեան Կուսակցութենէն Պ.Պ. Աղասի, Հրաչ, Ապահ, Մլեհ, Նշան եւ Կարապետ, ինչպէս նաեւ վեղարաւոր հերոսը` Ֆըռնուզի վանահայր Տ. Բարթողիմէոս Ծ. վրդ. Թագաճեան եւ Զէյթունի իշխանները բնականաբար։ Յովսէփ Տէր Վարդանեան, Մարաշի ջարդը 1920-ին, Հալէպ, 1927, էջ 34-36։ Քանի մը տարի առաջ (1895), հայերը Զէյթունի մէջ ցոյց տուին այնպիսի հերոսութիւն, որ եթէ ծանօթ ըլլար բովանդակ Եւրոպային, Զէյթունի անունը այնքան հռչակաւոր պիտի ըլլար, որքան էին` Հին Յունաստանի մէկ քանի քաղաքներուն անունները։ Լօրտ Ճէյմս Պրայս (Վաշինկթընի Բրիտանական դեսպան), քաղուած` իր 2.11.1904ին, Պօսթընի Վանտօմ Հօլին մէջ արտասանած ճառէն։ Արտատպուած Armeniaի մէջ, Պօսթըն, Ա. տարի, Դեկտեմբեր 1904, թիւ 3, էջ 64։ Զէյթունի ամրակուռ Զօրանոցին գրաւումէն յետոյ, Մարաշի կառավարական շրջանակները շփոթի մատնուեցան, որովհետեւ զինուորական ուժերնին շատ քիչ ու տկար էր. այնպէս որ եթէ Զէյթունի Շարժումը առաջնորդողներ, պատերազմական գործերու վարժ անձեր եղած ըլլային, շատ դիւրին պիտի ըլլար Զօրանոցին եւ կառավարչատան գրաւումէն յետոյ ուղղակի Մարաշի վրայ քալել ու քաղաքին ալ տիրանալ, եւ Մարաշի ու Այնթապի հայերուն միանալով, Հալէպն իսկ գրաւել։ Անաթոլիօ Լաթինօ (Էնրիքօ Վիթթօ) (Իտալական հիւպատոս Հալէպի, 1895), Gli Armeni e Zeitoun, Ֆլօրանս (Firenze), 1897, Բ. հատոր, էջ 179։
230
Եթէ Աւետիս Նազարբէկ, ազատագրական նպատակով Փոքր Ասիայէն Պոլսէն ղրկուած գումարները ուղղամտօրէն, նոյն իսկ գոնէ մասամբ, յատկացնէր Կիլիկեան գործին, Զէյթունի շարժումը տարբեր ծաւալ կրնար ստանալ ու արդիւնք տալ։ Ապացոյց - Զէյթուն ղրկուած հիւպատոսներէ ոմանց մէկ երկու ամիս ալ դիմադրութեան համար տուած խորհուրդը, եւ անոնցմէ մէկուն` իտալական հիւպատոսին վկայութիւնը, թէ զէյթունցիք կրնային Մարաշ իջնել եւ աւելի յառաջ ալ երթալ։ Զէյթունցիք եւ Աղասի ու ընկերները, չկրցան այդ յանդուգն քայլն առնել` առաւելապէս պատրաստութեան պակասին պատճառաւ, եւ ո՛չ թէ որովհետեւ զինուորական գործերու վարժ չէին, ինչպէս օտարը կը կարծէ։ Ա. Ն. Նազար, Պայքար, Պօսթըն, 10.11.1935։ Արդարեւ Եւրոպական տէրութիւնները միջամտելով 1895ի Զէյթունի ապստամբութեան, ո՛չ միայն փրկեցին զէյթունցիները, այլ եւ մեծ ծառայութիւն մը մատուցին Սուլթան Համիտին, զինք դժուարին մղձաւանջէ մը ու անելիէ մը ազատելով։ Եւրոպական միջամտութեամբ, Համիտ, անտարակոյս լայն շունչ մը առաւ...։ M. de la Boulinière (Կ. Պոլսոյ ֆրանսական դեսպանի տեղակալ), Դեղին գիրք (1895-96), Բարիզ, էջ 84։ Յունաստանի ապագայ թագաւոր Կոստանդինը, պարտուեցաւ Էթհէմ բաշայէն. այս վերջինը այն թուրք զօրավարն էր, որ նախապէս, 30,000 զօրքով չկարողացաւ յաղթել` 1895ի ապստամբ Զէյթունի 5000 մարտիկներուն, ինչ որ ի վերջոյ, Եւրոպական միջամտութիւն մը զսպեց այդ շարժումը։ Colonel Brémond (Գնդապետ «Արեւելեան Լէգէոն»ի, 1919), Notes historiques et géographiques sur l’Arménie, Գահիրէ, 1918, էջ 133։ 1895ին 5000 զէյթունցիներ, իրենց սովորական հին զէնքերով զինուած, դիմադրեցին եւ պարտութեան մատնեցին աւելի քան 35,000 թուրք կանոնաւոր զինուորներ, որոնք ունէին արդիական բանակի ամէն առաւելութիւններ։ Զէյթունը նուաճելու համար ուղարկուած վաշտերը, ձմրան բուքին ու ձիւնին սառեցան Տօրոսի լեռներուն մէջ, մինչեւ որ Եւրոպական միջամտութիւնը եկաւ փրկել թուրք բանակի երբեմնի համբաւեալ կռուասիրութիւնը։ Miss Emily J. Robinson, Khaki magazine, Լոնտոն, Օգոստոս 1915, էջ 784։ Համիտեան կոտորածներու ժամանակ, զէյթունցիք յաջողեցան ո՛չ միայն պաշտպանել իրենց քաղաքը իր շրջակայ գիւղերով, այլ շաբաթներ ամբողջ քաջաբար դիմադրել թրքական բանակներու, մինչեւ որ, մեծ պետութեանց հիւպատոսները միջամտեցին եւ հաշտութիւն գոյացուցին։ Այս հերոսական դիմադրութիւնը թէեւ պատճառ եղաւ որ զէյթունցիք չջարդուին` 1895-96ի կոտորածներուն, սակայն իր դէմ լարեց թուրք կառավարութեան ատելութիւնը։ Le Rapport secret du Dr. Johannès Lepsius, Les Massacres d’Arménie, Բարիզ, 1919, էջ 10։
231
Զէյթունի լեռներուն մէջ հինուց ի վեր խլրտումները անպակաս եղած են, մասնաւորաբար 1545էն մինչեւ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը։ Այդ շարժումները տեղի ունեցած են մասամբ` աւատական այն վարչաձեւին շնորհիւ որ ի զօրու էր տակաւին այդ շրջաններուն մէջ։ Զէյթունի 4 թաղերէն իւրաքանչիւրը կը կառավարուէր ինքնուրոյն պետով մը որ «Քեհեա» կամ իշխան կը կոչուէր, տեսակ մը ազնուական, որուն իրաւասութեան տակ գտնուող շրջակայ թուրք գիւղերը պարտաւոր էին տարեկան տուրքեր հատուցանել` մասնաւոր հարկահաւաքներու միջոցաւ։ Զէյթունի վայելած այս բացառիկ դիրքէն ու առանձնաշնորհութենէն է որ օգտուեցան նաեւ հայ կուսակցական գործիչները։ 1895ին էր որ Օսմանեան կառավարութիւնը մեծ դժուարութեամբ կրցաւ ջնջել տալ այս աւատական դրութիւնը։ Զէյթունցիք մերժելով իրենց պարտադրուած տուրքերը վճարել, շարունակաբար ապստամբած էին 1782էն 1851, երբ այլեւս թուրքերը ճարահատ ու գրգրուած զէյթունցւոց կողմէ իրենց վրայ ի գործ դրուած թալանէն ու հարստահարութենէն, կը լքեն իրենց ագարակները ու կը հեռանան։ Մինչեւ այդ ատեն, Զէյթունի ապստամբական շարժումները կարելի է ղեկավարուած նկատել բնիկ «իշխան»ներէն։ 1850ական թուականներէն յետոյ, հայ ազատագրական պայքարի ղեկավարները, ազգային գերագոյն շահերու կը ծառայեցնեն այդ տեւական անկարգութիւնները, մինչեւ որ կը պայթի 1865ի առաջին մեծ ապստամբութիւնը։ Ասոր կը հետեւին ուրիշներ ալ, որոնցմէ ամէնէն վերջինը (1895) կազմակերպուեցաւ Հնչակեան գործիչներու կողմէ ու տեւեց ամբողջ երեք ամիսներ։ Gaston Gaillard, The Turks and Europe, Լոնտոն, 1921, էջ 283։ Ատելութեան ամէնէն աններելի պատճառը, 1896ին հայոց պարտադրուած ծանր կացութեան վերյիշումին մէջ պէտք է փնտռել։ Ա՛յն ատենէն իսկ «բարի» Սուլթան Ապտիւլ Համիտը, ուրիշ անկանոն զինուորներէ զատ հաստատած էր նաեւ Համիտիէները - որոնց մէջ բանտէն փախած պատժապարտներէ, աւազակներէ եւ թափառաշրջիկներէ բաղկացած գունդեր - այն նպատակով որ գոյնզգոյն զօրք մը ունենայ ձեռքի տակ, պատրաստ անխղճօրէն բորբոքելու այն դէպքերը, որոնցմով ան ամէն տեղ կը յուսար գոցել հայ ժողովուրդին բարեկարգախնդիր բերանը։ Մինչ այս անկանոնները ուրիշ ամէն կողմ իրենց կազմութեան յատուկ «լաւագոյն յաջողութիւններ»ը կ’ունենային, Զէյթունի մէջ արիւնոտ պարտութեան մը ենթարկուեցան, եւ նոյնիսկ անոնց օգնելու համար վազող կանոնաւոր վաշտերը եւս սարսափելի կորուստներով, նեղ փողոցներէն բիրերով դուրս շպրտուեցան զէյթունցիներու կողմէ։ Այս պարտութենէն վերջ, մեծագոյն ուժով քաղաքն ալ պաշարեցին, բայց ապարդիւն։ Զէյթուն մնաց անառիկ։ Ու երբ վերջապէս եւրոպական դիւանագիտութիւնը հայ քաջ ցեղին ի նպաստ միջամտեց եւ Զէյթունի համար կատարեալ ընդհանուր ներում առաջ բերին դեսպանները` Բ. Դրան մօտ, Սուլթանը ամօթէն ի՛նչ ընելը չէր գիտեր, մինչ թուրքերը կը սկսէին ակռայ կրճտել` անսահման վհատումի մը մատնուած։ Ֆրանց Վերֆէլ, Մուսա Տաղի 40 օրերը, Ա. հատոր, թրգմ. Տէր Անդրէասեան, Սօֆիա, 1935, էջ 95-96։ Արդարեւ, մեծ պետութեանց բռնած դիրքը հանդէպ Պերլինի Վեհաժողովին, անոնց
232
կատարած ճոռոմաբանութիւնները, «Բարենորոգմանց ծրագիր»ները, թուրքերէն կորզուած հանդիսաւոր խոստումները, շատ արդարացի կերպով հայոց մէջ արծարծած էին նոր յոյսեր, եւ հաւատքը դէպի մօտալուտ փրկութեան մը։ Հայու միամտութիւնը, որ կ’անգիտանար բարձր քաղաքականութեան մանուածապատ ուղիները, եւ այն կոյր հաւատքը որ ստեղծուած էր (70ական թուականներուն), չէր ուզեր ըմբռնել սակայն թէ տրուած խօսք մը չէր կրնար դրժում մը ըլլալ, երբ մանաւանդ այդ խօսքը կու գար (հայոց դատին կարեկցող) մեծ պետութիւններէն...։ Այս նպատակով, Եւրոպայի հայկական յեղափոխական շրջանակները, խօսքէն գործի անցնելով, ջանացին կազմակերպել բնագաւառի հայութիւնը, գերութեան լուծը թօթափելու համար։ Ազատագրական այդ պայքարը մեծ ոգեւորութիւն յառաջ բերաւ մանաւանդ (1895ի) Զէյթունի ապստամբական շարժմամբ, որ իր սկզբնական քայլէն իսկ փայլուն յաղթանակներ արձանագրեց, յաղթանակներ` տարուած թուրքերու վրայ փոքրաթիւ հայ մարտիկներու կողմէ, Տաւրոսեան սարալանջերուն մէջ։ Այդ ապստամբութիւնը չէր ձգտեր անջատել Հայաստանը Թուրքիայէն, նկատի ունենալով այն ատեն զտումի անկարելիութիւնը հայ եւ թուրք տարրերուն, եւ ոչ ալ կրնար ստեղծել հայկական պետութիւն մը, ազգային բացարձակ մեծամասնութեան մը հիման վրայ։ Այլ այդ շարժումով, ապստամբները մէկ բան ունէին իրենց նպատակ. այն է` ձեռք բերել մարդկայնօրէն տանելի գոյավիճակ մը, եւ ազգային ներքին ինքնավարութիւն։ Բայց Սուլթանը վճռած էր ամէն գնով բնաջնջել հայութիւնը, եւ Զէյթունի այս շարժման ծաւալումը Անատօլուի մէջ յետագայ մեծ աղէտներու պատրուակ բռնելով, ուզեց միանգամ ընդ միշտ իրագործել իր դաժան ծրագիրները, (1896ի) հայկական ջարդերը կազմակերպելով...։ Ֆրիտճօֆ Նանսէն, L’Arménie et le Proche Orient, Բարիզ, 1928, էջ 317։ Կիլիկիոյ մէջ, Զէյթունի լեռնցիները, նախզգալով որ ջարդը իրենց կը մօտենար, եւ զիրենք շրջապատող թուրք ցեղերը մեծ յարձակողական մը կը պատրաստէին, ամրացան իրենց լեռներուն մէջ, եւ պաշարեցին Զէյթունի հանդիպակաց թրքական զօրանոցը, զի այս վերջինը հրահանգ ստացած էր քաղաքը ռմբակոծելու։ Զէյթունցիք, իրենց տեղական տկար զէնքերով, առիւծներու պէս կռուեցան` ընդդէմ 50,000 կանոնաւոր թուրք զինուորներու, առանց հաշուելու պաշիպօզուքներն ու թուրք խուժանը։ Թուրքերը պարտուեցան, եւ մեծ Պետութեանց (հիւպատոսներու) շնորհիւ հակառակորդ կողմերը հաշտութիւն կնքեցին։ Զէյթունցւոց այս խիզախ շարժման շնորհիւ, դէպի Փոքր Ասիոյ արեւմտեան եզերքները յառաջացող ջարդը կասեցուեցաւ, եւ կարելի եղաւ խնայել Կիլիկիոյ ամէնէն բարգաւաճ քաղաքը` Ատանան։ Տօքթ. Ն. Տաղաւարեան եւ Խոսրով-Արմէն Արտոնց, The Young Turks and the Truth About the Holocaust at Adana in Asia Minor, During April, 1909, Լոնտոն, 1913։ Զէյթունի յաջորդական ապստամբութիւններու մէջ գլխաւոր տեղը կը գրաւէ 1895ի ապստամբութիւնը։ Մինչեւ այդ թուականը, լեռնականները գրեթէ իրենք իրենց վարած են
233
ապստամբութիւնները, եթէ նկատողութեան չառնենք գաղափարական մէկ-երկու գործիչներու առաքելութիւնը։ 1895ին է որ կուսակցականները ոտք կը դնեն Զէյթունի մէջ։ Այդ թուականին Զէյթուն կը հասնին Հնչակեան գործիչներ` Աղասի, Ապահ, Հրաչեայ, Մլեհ, Նշան եւ Կարապետ, իրենց հետ տանելով չորս հարիւր ոսկի ու Եւրոպայի բարեւներն ու համակրութիւնը...։ Ասոնց խօսքին նայելով, անգլիական տորմիղ մը Իսկէնտէրունի առջեւ խարսխած էր եւ իրենց հրամանին կը սպասէր` ցամաք զօրք հանելու համար։ Այս անգամ զէյթունցին չէր փափաքեր ապստամբութեան, խոհեմութեամբ կ’ուզէր գործել, նոյնիսկ Զէյթունի կղերը որ ապստամբութիւններու պարագլուխ եւ դրդիչը եղած էր միշտ, յորդոր կը կարդար խոհեմութեան, եւ սակայն Հնչակեան ոճրագործները յաջողեցան վերջապէս ապստամբութեան առաջնորդել բովանդակ լեռնականները։ 45 օր տեւող այս ապստամբութիւնը շատ սուղի նստաւ լեռնականներուն եւ վերջապէս հիւպատոսներու միջամտութեամբ կարելի եղաւ գտնել հաշտարար լուծում մը։ Կառավարութիւնը կը պահանջէր կուսակցականները. զէյթունցին կ’ընդդիմանար. որոշուեցաւ հիւպատոսներու երաշխաւորութեամբ Եւրոպա անցընել կուսակցական հերոսները. այսպէս ալ եղաւ։ Զէյթունի հայ պատմագիրները ապստամբութիւններու եւ ասպատակային կռիւներու թիւը 41 ցոյց տուած են. այս թիւէն դուրս են` 16 դէպքերը։ Զէյթունի առաջին ապստամբութիւնները լոկ ասպատակութիւններ էին, եւ սակայն յետոյ, անկախութեան գաղափարը ներշնչուեցաւ լեռնականներուն, եւ մասնաւորաբար կուսակցականները, հրահրեցին եւ իրենց հաշւոյն օգտագործեցին լեռնականները, անոնց անունով ահագին գումարներ հաւաքելով արտասահմանի մէջ։ Ահա՛ Զէյթունի ապստամբութիւնները իրենց համառօտ գիծերուն մէջ, որոնք ուղղուած էին Օսմանեան կառավարութեան եւ թուրք ժողովուրդին դէմ. սա՛ նպատակով միայն կործանում Օսմանեան կառավարութեան եւ անկախութիւն Զէյթունի։ Թուրք Իթթիհատ կառավարութեան Հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները անուն պաշտօնագրէն, Պոլիս, 1916, էջ 22։ Կիլիկիոյ ապստամբութիւնը ամբողջովին տարածուած էր Ատանայի եւ Հալէպի նահանգներուն մէջ։ Կեդրոնը Զէյթո՛ւնն էր։ Հնչակեան Կոմիտէն ծրագրած էր գրաւել Մարաշը (նամազի պահուն), յարձակում գործելով թուրքերուն վրայ, ջարդելով բոլորը։ Մարաշի գրաւումէն յետոյ, Զէյթունէն հասնող ուժերուն միանալով, պիտի գրաւէին նաեւ շրջակայ քաղաքները։ Մինչ Մարաշի, Այնթապի եւ շրջակայ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ հայերը կը շարունակէին խռովութիւնը, կողոպուտը, հրդեհը եւ սպանութիւնները ընդարձակ տարածութեան մը վրայ, Զէյթունի շուրջը եւս յեղափոխական շարժումը հետզհետէ կը զօրանար։ Գրեթէ ապստամբ բանակ մը կազմուեր էր, պատրաստուելով վերջնական յաղթանակին։ Ապստամբները նախ գրաւեցին Զէյթունի ճամբաները, կտրեցին ջուրերը։ Շարունակաբար յարձակում կը գործէին Զէյթունի Զօրանոցին վրայ, կամ կը խուժէին Էլպիսթանի եւ Մարաշի շրջակաները, կը նեղէին կանոնաւոր եւ պահեստի թրքական զօրաբանակը եւ կռիւի
234
կը մտնէին պահակազօրքին հետ։ Նկատելով որ քանդուած էր Ճիհանի կամուրջը, յեղափոխականներուն ձեռքը կը գտնուէին ճամբաները մինչ օգնութեան ղրկուած մեր ուժերը ծանր կացութեան մէջ դրուած էին։ Զէյթունի Զօրանոցին մէջ պաշարուած թրքական ուժերը, հաղորդակցութենէ զրկուած, քանի մը օրէ ի վեր առանց ջուր մնացած, իրենց փամփուշտները սպառած, ստիպուեցան անձնատուր ըլլալ յեղափոխականներուն։ Ահաւոր տեսարան մը պարզուեցաւ, երբ յեղափոխականները յաղթական ներս մտան։ 300 թուրք զինուորներ, իրենց սպաներով միասին, թէեւ իրենց պարտականութենէն զատ ուրիշ բան մը ըրած չէին, անողորմաբար կը սպաննուին։ Այդ զինուորներէն շատերու մորթը քերթեցին, լեզուները կտրեցին, գլխատեցին, եւ ձողերու վրայ դրին` պտըտցնելու համար ժողովուրդին աչքին առջեւ։ Երբ հայ յեղափոխականները գրաւեցին Զէյթունի անձնատուր Զօրանոցը եւ անողորմաբար սուրէ անցուցին բոլոր թուրք զինուորները, չափազանց խանդավառուեցան, կարծես թէ գրաւած ըլլային ամբողջ Թուրքիան, տապալած ըլլային Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ կառավարական բոլոր հաստատութիւնները, պարտութեան մատնած ըլլային թրքական ամբողջ բանակը։ Եւ յանդգնութիւնը ա՛յն աստիճանին հասցուցին, որ սկսան նոյնիսկ ասպատակել շրջակայ գիւղեր, կողոպտել թուրքերը, սպաննել այրերը, բռնաբարել կիները։ Զէյթունի ապստամբութեան ղեկավարներուն գլուխը կը համարուէին` Համբարձում Պօյաճեանի քոյրը` Սիրանոյշ12 եւ Պ. Աղասի։ Աղասի իր ուսումը առած էր Եւրոպայի մէջ, լեզուագէտ էր, եւ արթուն ու յանդուգն կոմիտէճի մըն էր, ուրիշ խօսքով հայոց ազգային հերոսներէն մէկը կը համարուէր։ Առաջին անգամ ան երեւցաւ 1890ին, Գում Գափուի ցոյցին կազմակերպութեան մէջ։ Երբ ցոյցը զսպուեցաւ եւ պարագլուխները ձերբակալուեցան, Աղասի` Հ. Պօյաճեանի (Մուրատ) եւ քանի մը ընկերներու հետ յաջողեցաւ Ամերիկա փախչիլ։ Քանի մը տարի յետոյ, այսինքն Պապը-Ալիի դէպքէն եւ Անատօլուի խռովութիւններէն երկու տարի առաջ (1894), իր անիծեալ եւ խռովարար ընկերներով Կիպրոս կ’երթայ։ Ու Կիպրոսէն մեծաքանակ զէնք եւ ռազմամթերք հայթայթելով, առագաստանաւ մը կը վարձէ ու Սուէտիոյ կողմերը ցամաք կ’ելլէ13։ Աղասի յեղափոխական շարժման կեդրոն դարձուց Սուէտիան։ Իր կազմած քարոզչական եւ ահաբեկչական կոմիտէներուն մէջ հռչակ հանած էին` Մլեհ, Ապահունի, Հրաչեայ անունով աւազակները։ Շնորհիւ այս եռանդուն գործիչներուն, շրջականերու ամբողջ հայ բնակիչները Հնչակեան Կուսակցութեան անդամ արձանագրուեցան։ Ահագին դրամ հաւաքեցին։ Արդիական հրացաններ ու զէնքեր հայթայթեցին, շարունակ զինելով շրջանի հայ գիւղացիները, որոնք անդամ արձանագրուած էին կուսակցութեան։ Այնպէս որ երբ Զէյթունի դէպքերը պատահեցան, Աղասիի հրամանին տակ կը գտնուէին 15,000 զինեալ կոմիտէճիներ։ Զէյթունի Զօրանոցի գրաւումէն յետոյ, այս աւազակախումբը երբ Էլպիսթան արշաւեց, լուր առան թէ Կէօքսիւնի մէջ թրքական զինուորներ համախմբուած էին, ուստի հայերը որոշեցին նախ յարձակիլ Կէօքսիւնի վրայ։ Այն թեւը, որ պիտի յարձակէր Կէօքսիւնի վրայ, կը գտնուէր Աղասիի հրամանատարութեան տակ եւ կը բաղկանար 6000 հոգիէ։ Սակայն Կէօքսիւնի զինուորները թուրք զինուորներ էին։ Ընդամէնը 2 վաշտ, բայց կատարեալ Մէհմէտճիկներ։ Իրենցմէ երկու ու կէս անգամ աւելի
235
մեծ հայկական ուժի մը դէմ որ զինուած էր արդիական զէնքերով, չուզեցին միայն ինքնապաշտպանութիւն մը փորձել, այլ հակայարձակման անցան եւ աւազակները ետ մղեցին։ Աւելի քան 600 մեռեալ ու վիրաւոր ձգելով, հայերը նահանջելու ստիպուեցան։ Թուրք զինուորները հետապնդեցին զանոնք, մինչեւ որ հայերը ապաստանեցան Զէյթուն։ Այս առաջին նահանջը չյուսահատեցուց Աղասին։ Իր բանակը վերստին զօրացնելով, աւելի քան 15,000 հոգի` երեք թեւի բաժնելով, կը խորհէր նորէն յարձակիլ Կէօքսիւնի վրայ։ Սակայն այդ շրջանին թուրք հեծեալ եւ հետեւակ զօրախումբերը, չորս կողմէն յառաջանալով, պաշարեցին Զէյթունը։ Աղասի ամէն գնով ուզեց յարձակում գործել այս ուժերուն վրայ, սակայն շրափնէլի ահաւոր կրակի մը տակ ստիպուեցաւ նահանջել եւ Զէյթուն ապաստանիլ։ Այլեւս հայոց մէջ ո՛չ ուժ մնացած էր, ո՛չ ալ կարողութիւն, փորձելու համար հակայարձակում մը։ Բոլորն ալ մտատանջութեան մէջ էին։ Այսուհանդերձ առատ ռազմանիւթ ունէին, պարէնն ալ պակաս չէր։ Զէյթուն կրնար տակաւին երկար պաշտպանել ինքզինքը։ Այս պարագան յեղափոխականները քաջալերեց եւ ինքնապաշտպանութեան գործին լծեց։ Միւս կողմէ գաղտնի ճամբով Հալէպ լուր ղրկեցին, օգնութիւն ուզելով։ Աղասի կը մտածէր անձնատուր ըլլալ, եթէ Անատօլուի խորերէն օգնութեան չփութային իրեն` խորտակելու համար պաշարման շղթան։ Սակայն անձնատուութեան պարագային պիտի պահանջէր, որ Հալէպի օտար հիւպատոսները ներկայ գտնուէին իրենց անձնատուութեան, որպէսզի երաշխաւորէին յեղափոխական պետերուն արտասահման անցնիլը եւ միւս յեղափոխականներուն համար կայսերական ներման շնորհը։ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ, դեսպաններուն խնդրանքին տեղի տալով, հայ յեղափոխական կօմիտէին վարիչներուն ներում շնորհեց, Եւրոպա անցնելու արտօնութիւն տուաւ, եւ առանց պայմանի ներում շնորհեց այն բոլոր հայերուն, որոնք հարիւրաւոր թուրք գիւղեր այրեր, հազարաւոր թուրքեր սպաններ էին։ Ներման որոշումը Պալատին կողմէ տեղեկագրուեցաւ Հալէպի կառավարութեան, իսկ դեսպաններուն կողմէ` Հալէպի հիւպատոսներուն։ Արդարեւ հիւպատոսները Զէյթուն գացին եւ բանակցեցան ապստամբութեան վարիչներուն հետ։ Ի՞նչ հարկ երկարելու։ Պապը Ալին, Օսմանեան Կայսրութեան կառավարութիւնը վեր վար համաձայնեցաւ` հաշտութիւն կնքելու հերոս (՞) զէյթունցիներուն հետ։ Եւ ապստամբութեան վարիչները, որոնց բնաջնջումը երկու օրուան խնդիր էր, իրենց ձեռքերը փարտելով, մեծարանօք եւ խաղաղութեամբ մեկնեցան Եւրոպա։ Այո՛, այդպէսով վերջ գտաւ Կիլիկիոյ ապստամբութիւնը։ Սակայն իրական վերջ մը չէր այդ։ Յեղափոխութեան ուղեղն ու ձեռքերը, աւելի ազատ աշխատելու համար, մեծ պետութեանց պաշտպանութեան տակ, ցրուեցան օտար երկիրներու մէջ։ Անշուշտ հանգիստ պիտի չնստէին անոնք։ Եթէ Կիլիկիոյ ապստամբութիւնը առժամապէս վերջ գտաւ, չէր նշանակեր թէ հայ յեղափոխական շարժումը բոլորովին կանգ առաւ։ Երկրին միւս շրջանները իրենց խորէն կ’եռային ու կ’եփէին...։ Աղասի եւ իր վայրագ ընկերները սահմանէն դուրս հանուեցան։ Սակայն, երկրորդ եւ երրորդ դասակարգի կոմիտէճիները, որոնք երկրին մէջ կը մնային, կը շարունակէին
236
յարձակում գործել թուրք գիւղացիներուն վրայ14։ Նազըմ փաշա (Թուրքիոյ նախկին Ոստիկանական Նախարար), քաղուած` իր Յուշերու «Զէյթունի կռիւները» հատուածէն, Պոլիս, 1931։
Ապստամբութեան բարոյական յաղթանակը Պէտք է գիտնալ թէ Զէյթունի 1895ի շարժումը թերի էր պատրաստութեան եւ թէ ղեկավարութեան տեսակէտով։ Արտասահմանէն զէնքով կամ դրամով եւ ո՛չ մէկ օժանդակութիւն եղաւ։ Լոնտոնի Հնչակեան Կեդրոնը, յոյսեր կու տար, բայց խօսքէ եւ առատ առատ թռուցիկներէ ու կոչերէ անդին բան մը չէր ղրկեր։ Միայն Ամերիկայէն 300 ոսկւոյ գումար մը ղրկուած էր, այն ալ Իսկէնտէրունի ու Անտիոքի միջեւ թուրք կառավարութեան ձեռք անցաւ15։ Կռիւներու տաքցած ու տագնապալի օրերուն, արտասահմանի մէջ ձեռնարկ մըն ալ Դաշնակցականներու մօտ եղած էր։ Անոնք ալ սակայն պատասխանած էին այն ոճով ու ոգւով, որով Ս. Զաւարեան Թիֆլիսի մէջ մերժած էր Մուրատի - Հ. Պօյաճեան - դիմումը` Սասունի շարժման օգնելու համար։ Եթէ Հնչակեաններ ձեռք քաշէին եւ շարժումը Դաշնակցութեան անուամբ վերամկրտուէր, կը յօժարէին օգնել, թէ ոչ մատերնին չէին շարժեր, եթէ ամբողջ Զէյթուն ողջ-ողջ այրէր։ Եթէ չմերժէին ալ, արդէն ո՜ւշ էր, եւ անկարելի էր մարդ ու դրամ հասցնել շարժումին վայրը16։ Զէյթունի շարժման վարիչները հետեւաբար, կը կռթնէին միմիայն տեղական ուժերու եւ միջոցներու վրայ։ Իսկ տեղական միջոցներու հայթայթումը, աւելորդ է ըսել թէ կ’ըլլար դանդաղութեամբ ու դժուարութեամբ17։ Այդ տարրերը Զէյթունի շարժումը բոլորովին վտանգաւոր կամ առնուազն վաղահաս կը գտնէին եւ ամէն միջոցով ջանացին արգելք հանդիսանալ գործին։ Անոնք ամէն փորձ ըրին այդ նպատակաւ, եւ մասամբ ալ յաջողեցան, այնպէս որ կիլիկեան շարժումը ծրագրուած ընդարձակութեամբ եւ ուժով տեղի չունեցաւ ու սահմանափակուեցաւ Զէյթունի մէջ18։ Այս եւ ուրիշ աննպաստ պայմաններ ու պատրաստութեան խոշոր թերութիւններ անծանօթ չէին Կիլիկիոյ յեղափոխական ղեկավարներուն։ Անոնք նոյնիսկ կը կռահէին Հնչակեան Կեդրոնին թուլութիւնն ու ապիկարութիւնը ու գիտէին թէ կարելի չէ լուրջ յոյս դնել անոր վրայ։ Ազատագրական շարժումը ակնկալուած արդիւնքը տալու համար, պէտք էր որ սկսէր Զէյթունէն, բայց պէտք չէ որ սեղմուէր, աւելի ճիշդ խեղդուէր Զէյթունի մէջ եւ տեղական ըմբոստութեան մը բնոյթն ստանար։ Բաւականաչափ պատրաստութիւն եթէ ըլլար, եթէ ներքին ընդդիմութիւն եւ ջլատիչ ուժեր չըլլային, շարժումը կրնար տարածուիլ ու գրաւել ամբողջ Լեռնային Կիլիկիան, Հաճընէն մինչեւ Տէօրթ Եօլ, եւ հետեւանքը թերեւս բոլորովին տարբեր կ’ըլլար։ Այսպէս կը վկայեն նոյնինքն օտար զինուորական կցորդներ, որոնք Հալէպի հիւպատոսներուն ընկերացած էին` անոնց առաքելութեան միջոցին։ Հիւպատոսներու միջամտութիւնը յաղթական ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ զէյթունցիներու կողմէ։ Իրենք ափ մը լեռնականներ, յեղափոխական 4-5 պարագլուխներով, եւ շրջանակներէ հաւաքուած քանի մը տասնեակ կտրիճ կամաւորներով, յաջողած էին երեք ամիս քաջութեամբ դիմադրել Սուլթանին` պաշտօնական թիւերու համեմատ 35,000
237
կանոնաւոր եւ առնուազն նոյնքան անկանոն զինուորներուն անընդհատ ու ամեհի յարձակումներուն, եւ չէին պարտուած։ Եւ երբ Պերլինի Վեհաժողովէն սկսեալ մինչեւ այդ թուականը, հայկական բարենորոգումներու համար եղած բոլոր ձեռնարկները խօսք ու մեռեալ տառ մնացած էին19, երբ վերջապէս այդ պահուն իսկ հայաշատ բոլոր վայրերու մէջ տեղի ունեցած քստմնելի կոտորածներու հանդէպ, քաղաքակիրթ պետութիւններ ո՛չ մէկ դրական քայլ կ’առնէին, անոնք, այդ մեծ պետութիւնները, Պոլսոյ իրենց դեսպանատուններուն ուղարկած հրահանգով, խոր ձմեռուան մէջտեղ, մինչեւ կիլիկեան լեռներու բարձունքը հիւպատոսներ կը ղրկէին` հարցնելու համար հայ ապստամբներուն թէ ինչ կ’ուզեն եւ ինչ պայմաններով կը յօժարին խաղաղութիւն ընել։ Ապստամբ Զէյթունի եւ Սուլթանին միջեւ խաղաղութիւն կնքուեցաւ։ Ճիշդ է թէ հաշտութեան դաշնագիր մը չէր կրնար ստորագրուիլ` վեհապետի մը եւ իր հպատակներուն միջեւ, բայց ինչ որ Համիտ յանձն առաւ իբրեւ «շնորհ» ընդունիլ, ինքնին ճանաչումն էր Զէյթունի յաղթութեան, եւ ո՛չ մէկուն համար գաղտնիք էր թէ «շնորհ»ը ո՛չ կամաւոր էր եւ ո՛չ ալ արդարամտութեան հետեւանք, այլ զէնքով կը խլուէր, եւ անգա՛մ մըն ալ կը ստուգուէր սա՛ ճշմարտութիւնը թէ` քաղաքականութիւնը միա՛յն բիրտ ուժը կը ճանչնայ ու կը յարգէ20։ Զէյթունցիք եթէ չկրցան ուրեմն ազգային ու քաղաքական ինքնավարութիւն կամ ազատութիւն ձեռք բերել, այսուհանդերձ տէր եղան տեղական ու վարչային ինքնավարութեան ու ազատութեան, որ լեցուն էր ապագայի համար ամէն տեսակ հնարաւորութիւններով...։ Հակառակ ուրեմն իր թերի պատրաստութեան ու առաջնորդութեան, Զէյթունի շարժումը եղաւ փառաւոր ու արդիւնաւոր, եւ իր նմանը չունեցաւ հայ Ազատագրական պայքարին մէջ։ Ա. Ն. Նազար, Պայքար հանդէս, Սեպտեմբեր 1931։ ԶԷՅԹՈՒՆՑԻՆԵՐՈՒՆ Ձայն մը հնչեցի եղանակով
Հրաբուխ մը ժայթքեց Զէյթուն իր վեհ կողերէն, Սրբեց մուրը նախատինքի հայ ճակատներէն։
Քաջ Զէյթունցիք ձըգեցին տուն եւ հպարտ ու վէս Զարկին թրքաց վատ խուժանը առիւծների պէս։
Հոն կանգնեցին սուրբ դրօշակ արեամբ ներկեցին Անոր վրայ Ազատութիւն կամ Մահ գրեցին։
Եւ Հայաստան վեց դարերու քունէն արթնցած Ծնելասէր հայ մայրերու «Մի՛ լաք» որոտաց։
238
Ահա ես եմ, Մայր մայրերու, տէր իմ զաւակաց. Ես` որ դարեր իրենց համար լացած արտասուած։ Մահն ամէն տեղ մէկ է տղե՛րք, վայ որ վատանամ Մեռէք յօժար, որ փրկութեան օրը մօտենայ։
Սեւեր պատած իմ հովիտներս, լեռներ ու ձորեր, Ձեր արիւնով թող ներկուին վարդ վարդ կարմիրներ։ Որ մահիկի պատռտուած անարգ ցնցոտին Ըլլայ յետին պատանքն աղտոտ, հոտած Սուլթանին։ Հապօ՛ն, ի զէն Զէյթունցիներս, ձեզ հետ թող ըլլան Մեծ խաչակրին աչքն ու թեւեր ձեզ պատսպարան։
ՏԻՒՆՃԷ
Ժողովրդային երգարան, Գ. տպագրութիւն, Պօսթըն, Հրատարակութիւն Ի. Ա. Երան, թիւ 5, էջ 276։
Զէյթունի դիւցազներգութիւնը Զէյթուն, իր տարեգրութեանց մէջ, չէ՛ ունեցած դէպք մը որուն վրայ այնքան խօսեցնել տուած ըլլայ իր մասին, որքան 1895ի մեծ ապստամբութիւնը, զի իր տեսակին մէջ, ան կ’ըլլայ առաջինը եւ աւա՜ղ վերջինը։ Այդ դէպքը պատճառ եղած է` արտաքին աշխարհի ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելու, եւ իրմով, իր պատմական անցեալով զբաղելու։ Իրաւ է թէ 1862ի ապստամբութեան առաջին փորձը, մինչեւ Ֆրանսայի Նաբօլէօն Գ. Կայսեր ականջը ինկաւ, սակայն չունեցաւ պատմական ա՛յն կարեւորութիւնը, ի՛նչ որ ունեցաւ 1895ինը։ Զէյթունցին այսուհանդերձ, իր աշուղներու բերնով եւ անոնց զգայուն ճպոտին տակ, թրքերէն թէ բնիկ լեզուով, անմահացուցած է ու յաւերժացուցած է` իր մղած մէն-մի ճակատամարտի դերակատարները։ Զանոնք խօսեցուցած է իր աշուղական երգերուն մէջ, անգիր պատմութեամբ նկարագրած է իր հերոսամարտերը, ու որդւոց որդի փոխանցած է` իբրեւ աւանդական սուրբ յիշատակ։ Մենք ունինք այդ աւաչներուն (կամ ժողովրդական բանահիւսութեանց) մեծագոյն մասը մեր տրամադրութեան տակ, նոյնիսկ թուրքերէ յօրինուած, մասնաւորաբար 1895ի աւաչները, որոնք շուրջ 40 տուներէ կը բաղկանան։ Ասոնք յօրինւած են` «Սեւասթափօլ»ի երգին սրտառուչ եղանակով։ Հոն նկարագրուած են` ապստամբութեան գլխաւոր մարտիկներու կատարած դերերը, անոնց կողմէ
239
ըսուած նշանաւոր խօսքերը, եւն, առաւել կամ նուազ ճշդութեամբ։ Գրքին ծաւալը դժբաղդաբար չի թոյլատրեր զանոնք ամբողջութեամբ արտագրելու։ Կը բաւականանանք միայն, իբր նմոյշ տալ անոնցմէ Ապահի վերաբերող երկու քառեակներ։ Արդարեւ զանոնք յօրինող աշուղը (Յակոբ Բ. Մէյվալը), առանց անդրադառնալու Ապահի անուան իմաստին, ինքնաբերաբար, տուած է անոր խորհրդաւորութիւն մը, որ նոյնինքն անվախ անուանակոչեալի մը միայն պիտի յարմարէր իրաւամբ։ Ահա առաջին քառեակին թրքերէն բնագիրը. Պարոն Ապահ տէտի «թիւրքիւ գըրալըմ, Էսքի միլքիմիզէ սահիպ օլալըմ. Արսլան կիպի մուհարէպէ գուրալըմ, Գալտըրալըմ արա եէրտէն կիւմանը։ Ասոր հայերէն աղճատ թարգմանութիւնը կոկելով, կ’ունենանք. Պարոն Ապահ կ’ըսէ. «Տաճի՛կը ջարդենք, Մեր նախնեաց վրէժը, մե՛ր ձեռքով լուծենք. Առիւծի պէս կռուի՛նք, կռուի՛նք անվեհեր, Չըլինինք թուլամորթ, չըլլա՛նք վախկոտներ։ Երկրորդ քառեակը հետեւեալն է. Պարոն Ապահտէ ղըշլատա օթուռտու, Իւչ-իւչ կիշեյէ ախըլ եթիրտի, Օսմանլը էսկէրի ղըռտը, քէօքի պաթըրտը, Եախտը, չըխտը, չըգտի օսմանլինին իմանը։ Հայացած ձեւը կ’ըլլայ այսպէս. Զօրանոցին մէջէն ալ Պարոն Ապահ, Սակաւաթիւ խումբով, սփռե՜ց իր շուրջ մահ, Ջարդե՛ց թուրք ցեղը, ու բարոյալքե՛ց, Յետոյ խոյս տալով, շէնքըն ամբո՛ղջ այրեց։ Երկրորդ քառեակը գրուած է` Զօրանոցին հրկիզման շուրջ (Գշ. 24 Դեկտեմբեր 1895), երբ Ապահ եւ իր հետ գտնուող 400 մարտիկները, օրն ի բուն, մինչեւ իրենց յետին փամփուշտը գործածելէ ու թշնամիին մեծ զոհեր պատճառելէ վերջ, ռազմամթերքի չգոյութեան պատճառով, կը ստիպուին վիթխարի Զօրանոցը բռնկեցնել, ու աննշմար փախուստ տալով գաղտնի խրամատէն, ապաստանիլ
240
քաղաք։ Բաց աստի, Զէյթունի վերջին ապստամբութեան շուրջ 5 արարնոց դիւցազներգութիւն մը գրել փորձած է Աղասի, իր ուսանողութեան շրջանին ի Շալօն, Ֆրանսա, հրատարակուած 1900ին Գահիրէ, Զէյթունի հերոսները խորագրով ու ձօնուած Ապահի անուան21։ Այդ առաջին փորձէն աւելի յաջող եղած է Սեդրաք Շահէնինը` 4 արարնոց Զէյթուն թատրերգութիւնը, հրատարակուած 1920ին, Նիւ Եորք, Աղասիի յառաջաբանով։ Այդ թատերախաղը քանիցս ներկայացուած է` Ամերիկա, Յունաստան եւ Սուրիա, նորագոյն Վարդանանց Պատերազմի մը դրուագները հանելով բեմի վրայ։ Վերոյիշեալ ծանօթ երկերէն զատ, Զէյթունի եւ զէյթունցիի գովքը հիւսած են ուրիշներ, ինչպէս` Յարութիւն Չագըրեան (Քայլերգ զէյթունցւոյ), Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (Մահ հայորդւոյն, Թաղումն քաջորդւոյ, Երգ զէյթունցի հայ կնոջ), Մկրտիչ Փորթուգալեան (Զէյթուն անկախ), Ղարիպ Ղուրպէթ (Զէյթունցւոյ ուխտը), Րաֆֆի (Զէյթունցի մարտիկը), Աղ. Ափրիկեանց (Զէյթունցու հրաւիրակ), Սիմոն Ֆէլէկեան (Սասուն եւ Զէյթուն) եւն, եւն, որոնք քանիցս ժողովրդական երգարաններու զանազան հրատարակութեանց մէջ երեւցած ըլլալով աւելորդ կը նկատենք զետեղել հոս, երբ արդէն անոնցմէ ոմանց եղանակներ յօրինուած ըլլալով անոնք հայ ժողովուրդին, մանաւանդ անցեալ սերունդին հայրենասիրական ամէնէն նախասիրուած երգերը եղած են։ Վերջաբան Զէյթունի 1895ի ապստամբութեան նուիրուած այս գլուխը կը փակենք, տալով մի քանի լրացուցիչ խորհրդածութիւններ։ «Զէյթունի փոքրաթիւ առիւծասիրտ հայութիւնը կոչուած էր ընդհանուր հայութեան ճակատագիրը փոխել, եթէ հայ ազգին պատասխանատու մարմինները իրենց կոչման եւ դերին բարձրութեան վրայ գտնուած ըլլային»։ Այսպէս կ’արտայայտուի Ապահ, իր գրքի` Հայ արծիւներու բոյնըի յառաջաբանին մէջ։ Եւ իր միտքը կը լուսաբանէ հետագայ տողերով.
Զէյթուն Կիլիկիոյ անկումէն ետք իսկ աննուաճ մնացած էր. ան իր անառիկ եւ լեռնային դիրքով ո՛չ միայն իր գոյութիւնն ու ինքնութիւնը յաւերժացուցած էր, այլ գուրգուրանօք պահած էր` իբրեւ սրբազան աւանդ` հին օրերու հայութեան անխորտակելի ոգին, զոր լեռները ստեղծեր էին։ Ան իր ասպնջականութեան եւ ինքնավստահութեան խառնած էր բարքերը` կէս մշակոյթի ժողովուրդներու. անոնք եթէ անձնուէր ու գիտակից առաջնորդներու ձեռքին տակ գտնուէին, կրնային ամբողջ հայութիւնը խմորել եւ վերածնել։ Զէյթունցին, ինչպէս նաեւ սասունցին, թէեւ զուրկ դաշտաբնակ կամ քաղքենի հայուն կեղծ նրբութենէն, իրենց կոպիտ ու անտաշ բարքերուն մէջ պահեցին ճշմարիտ հայութիւնը։ Այս ամէնը կու գան հաստատելու այն իրողութիւնը թէ` մեր մէջ պակսեցաւ իրական ազգային կեանքը։ Կղզիացումը հայ ցեղին փոքր կոտորակը միայն պահեց, եւ սակայն երբ
241
հնչեց ժամը որ ամբողջ ցեղին ըլլալու կամ չըլլալու իրաւունքը պիտի վճռէր, այդ կղզիացումը չկրցաւ փրկել ո՛չ Սասունը, ո՛չ ալ Զէյթունը։ Ուրեմն, ներքին պատճառը հայ տառապանքի ահաւորութեան, դարաւոր Զէյթունի եւ Սասունի հիմնայատակ քանդումին, պակասն էր` ազգային կեանքի միութեան ըմբռնումին, որ պէտք չէ շփոթել որեւէ կերպով անմիաբանութեան հետ։ Հայը իր ազգային կեանքը իր ներդաշնակ ամբողջութեան մէջ չկրցաւ ապրիլ. ազգին առաջնորդները ազգային միութեան եւ ամբողջութեան սկզբունքը իբրեւ գերագոյն պայման չճանչցան եւ առ այդ չվարեցին ազգը իր հատուածներուն մէջ. վերջապէս ցեղին արիւնը չկրցաւ ընել իր ազգային շրջանը։ Դաշտաբնակ թուլամորթ կիլիկեցիին արիւնը չխառնուեցաւ զէյթունցիին արեան, ո՛չ ալ մշակական մշեցիին արիւնը` լեռնական սասունցիին արեան։ Չափազանց կղզիացումը եւ մերձաւոր խնամութիւնները, նոր կենսունակութեանց պայման եղող խմորումներն արգիլեցին։ Մուսա Պէյին դէպքէն ի վեր, գոնէ ամբողջ ազգը յեղափոխութեան, ըսել կ’ուզենք լուրջ, գաղտ, եւ հոյակապ յեղափոխութեան մը պիտի կառչէր, եւ ան չպիտի ըլլար գործունէութիւնը ա՛յս կամ ա՛յն կուսակցութեան, որ ազգային ամբողջութեան տկար եւ չնչին կոտորակը կը ներկայացնէր, այլ ամբողջ ցեղին, որոշ կեդրոնով մը, առաջնորդութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, որով ծրագրուած թուրք ոճիրը պիտի ձախողէր, ինքնապաշտպանութիւնը պիտի դառնար իրականութիւն մը, եւ պիտի ըլլար իր պատւոյն եւ ապրելու իրաւունքին տէր ցեղի մը հոյակապ կեցուածքը։ Ապահ, Հայ արծիւներու բոյնը, էջ 124-127։
ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄ ԶԷՅԹՈՒՆԻ 1895ի ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ22
1. Հնչակեան 4 զործիչներու մուտքը Սուէտիայէն Արեգին. Շբ. 6 Յուլիս 1895։ 2. Ապահի այցը Հաճըն` ռազմագիտական նպատակով. Գշ. 23 Յուլիս - Ուր. 30 Օգոստոս 1895։ 3. Աղասիի այցը Այնթապ` հանգանակութեան համար. Գշ. 23 Յուլիս - Եշ. 29 Օգոստոս 1895։ 4. Յիսնապետ Հասան աղայի սպանութիւնը` ֆռնուզցիներու կողմէ. Դշ. 9 Հոկտեմբեր 1895։ 5. Մարաշի հազարապետին գերեվարութիւնը` ֆռնուզցիներու կողմէ. Եշ. 10 Հոկտեմբեր 1895։ 6. Արեգինի երկու թուրք լրտեսներու ողջակիզումը. Եշ. 10 Հոկտեմբեր 1895։ 7. Չէրքէզ Ասլան բէկի յարձակումը արեգինցիներուն վրայ. Դշ. 16 Հոկտեմբեր եւ Շբ. 19 Հոկտեմբեր 1895։ 8. Քէօյնէկսիզ Ալիի սպանութիւնը` Սուքիասեանի եւ ընկերաց կողմէ. Եշ. 24 Հոկտեմբեր 1895։
242
9. Գարանլըգ-տէրէի պատմական ժողովը. Եշ. 24 Հոկտեմբեր 1895։ 10. Հնչակեան ղեկավարութեամբ Զէյթունի ապստամբութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը. Ուր. 25 Հոկտեմբեր 1895։ 11. Բերդուս չայի կռիւը եւ Ջելլադի նահատակումը. Կիր. 27 Հոկտեմբեր 1895։ 12. Զէյթունի Զօրանոցին գրաւումը. Դշ. 30 Հոկտեմբեր 1895։ 13. Հայկական առժամեայ կառավարութիւն Զէյթունի. Եշ. 31 Հոկտեմբեր 1895 - Բշ. 10 Փետրուար 1896։ 14. Չուգուր Հիսարի արշաւանքը. Եշ. 31 Հոկտեմբեր 1895։ 15. Շիվիլկեցւոց դիմադրութիւնը Եայճ Օղլուի. Գշ. 22 Հոկտեմբեր - Ուր. 8 Նոյեմբեր 1895։ 16. Անտրունի կռիւը` Տ. Բարթողիմէոս վրդ.ի ղեկավարութեամբ. Ուր. 15 Նոյեմբեր 1895։ 17. Եէնիճէ գալէի կռիւը. Դշ. 20 Նոյեմբեր 1895։ 18. Հայր Սալվաթորի խողխողումը. Ուր. 22 Նոյեմբեր 1895։ 19. Ալի պէյի արշաւանքը Կապանի վրայ. Բշ. 18 Նոյեմբեր 1895։ 20. Կապանի հայոց դիմադրութիւնը` Ապահի ղեկավարութեամբ. Բշ. 18 Նոյեմբեր 1895։ 21. Կապանի վրայ փոխ-վրէժի յարձակում` Ապահի ղեկավարութեամբ. Ուր. 22 Նոյեմբեր 1895։ 22. Ֆռնուզի հայոց դիմադրութիւնը` Ապահի ղեկավարութեամբ. Շբ. 14 Դեկտեմբեր 1895։ 23. Ֆռնուզի պաշարումը եւ անկումը` Ապահի ղեկավարութեամբ. Եշ. 12 Կիր. 15 Դեկտեմբեր 1895։ 24. Զէյթունի 45-օրեայ պատերազմը. Շբ. 14 Դեկտեմբեր 1895 - Եշ. 30 Յունուար 1896. - Րէմզի փաշայի արշաւանքը Զէյթունի վրայ. Շբ. 14 Դեկտեմբեր 1895 - Ս. Փրկիչ վանքին գրաւումը եւ հրկիզումը. Շբ. 14 Դեկտեմբեր 1895 - Ավազ Կէտիկի, Սանդուխի եւ Մուրթատլարի կռիւները. Կիր. 15 Դեկտեմբեր 1885 - Ուզար Ձորի, Ագ-Տաղի եւ Էշէք Մէյտանիի կռիւները. Կիր. 15 Դեկտեմբեր 1895 - Զէյթունցի կանանց թափօրը` «Խաչ Ալէմ»ով. Կիր. 15 Դեկտեմբեր 1895 - Զէյթունցի կանանց գործած սպանդը թուրք գերիներու վրայ. Կիր. 15 Դեկտեմբեր 1895 - Ֆռնուզէն Ապահի խումբին ժամանումը Զէյթուն. Կիր. 15 Դեկտեմբեր 1895 - Քարթօշ քօրի կռիւը. Գշ. 17 Դեկտեմբեր 1895 - Սօլաք-Տէտէի 10,000 այծերուն պատճառած խուճապը. Դշ. 18 Դեկտեմբեր 1895
243
- Չէրքէզ Մէհմէտ բէկի սպանութիւնը. Եշ. 19 Դեկտեմբեր 1895 - Պէրզինկայի կռիւը. Կիր. 22 Դեկտեմբեր 1895 - Զօրանոցի հրկիզումը. Գշ. 24 Դեկտեմբեր 1895 - Րէմզի փաշայի պաշտօնանկութիւնը. Ուր. 3 Յունուար 1896 - Էթհէմ փաշայի Զէյթուն գալուստը. Շբ. 4 Յունուար 1896 - Ս. Աստուածածնայ վանքին շուրջ կռիւներ` Եղիա Նորաշխարհեանի ղեկավարութեամբ. Շբ. 4 Յունուար 1896։ 25. Օտար պետութեանց Հալէպի հիւպատոսներու կողմէ Զէյթուն ուղարկըւած հեռագիրը. Շբ. 4 Յունուար 1896։ 26. Ապստամբ Զէյթուն կը յօժարի չմերժել թրքական հաշտութեան առաջարկը. Կիր. 5 Յունուար 1896։ 27. Օտար պետութեանց Հալէպի հիւպատոսներուն Զէյթուն ժամանումը. Եշ. 30 Յունուար 1896։ 28. Բանակցութիւնք. Բշ. 3 - Բշ. 10 Փետրուար 1896։ 29. Հաշտութեան կնքում. Բշ. 10 Փետրուար 1896։ 30. Հնչակեան 6 գործիչներու մեկնումը Զէյթունէն. Դշ. 12 Փետրուար 1896։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Տեսնել իր Յիշատակները, տպ. Պոլիս, 1931։ 2. Պայքար, 10.11.1935, թիւ 264։ 3. Միւշիր (Մարաչախտ) Էթհէմ բաշա։ Արժանաւոր յաջորդն ու հայրենակիցը չէրքէզ Ֆէրիք Մուսթաֆա Րէմզի բաշային, որ իր նախորդէն աւելի բան մը չկրցաւ ընել Զէյթունը նուաճելու։ Ա՛յն խորամանկ ու մոլեռանդ զօրավարը որ տարի մը վերջ ծունկի պիտի բերէր Ելլադան (Կրէտէի ապստամբութեան միջոցին), Իսկէնտէրունէն Զէյթուն կ’անցնէր` ո՛չ թէ արի լեռնականներուն արծուեբոյնը քանդելու, այլ իր հրամանին տակ գտնուող 110,000 զինուորներու չարաչար պարտութեան դատավճիռը ստորագրելու։ 1896ի կիսուն կը պայթի Կրէտէի ապստամբութիւնը (13րդը 1830էն ի վեր), գլխաւորութեամբ` կրէտացի փաստաբան Էլէֆթերիոս (Ազատարար) Վենիզելոսի (1864-18.4.1936, Բարիզ), իր ձեռքին տակ ունենալով` ի մէջ այլոց ապագայ զօրավար Գօնտիլիսը։ Էթհէմ բաշա Զէյթունէն կ’ուղեւորի Կրէտէ` ապստամբութիւնը զսպելու համար։ Արդարեւ այդ շարժման եւ պետութեանց միջամտութեան շնորհիւ Կրէտէ կը դառնայ ինքնավար կղզի մը, իր սեփական մարզպանով Բ. Դրան հովանաւորութեան տակ եւ տուրքերէ զերծ։ 1897 Ապրիլ 18ին, Թուրքիա պատերազմ կը հռչակէ Յունաստանի դէմ, որ կ’ուզէր իրեն միացնել Կրէտէն։ Էթհէմ բաշան է որ կը վարէ դարձեալ թրքական բանակներու հրամանատարութիւնը։ Յունաստան կը պարտուի, եւ նոյն տարւոյ Նոյեմբեր 8ին կը կնքուի հելլեն-թուրք դաշինքը Պոլսոյ մէջ։ Այդ դաշինքով Յունաստան յանձն կ’առնէր 100 միլիոն ֆրանք տուգանք վճարել։ Միւշիր Էթհէմ բաշա եղած է նաեւ ծերակուտական Օսմանեան խորհրդարանին։ 1909 Մարտ 31ին երբ թրքական ազատարար շարժուն բանակը յաղթական մուտք կը գործէր
244
Պոլիս` Սուլթան Համիտի գահընկէցութիւնը պահանջելու համար, Էթհէմ բաշա սպարապետ կ’անուանուի այդ զինուորական մեծ ապստամբութեան օրը։ Ինքն է որ կարելին կ’ընէ` զինուորներու ըմբոստութիւնը զսպելու եւ մայրաքաղաքը անդորր պահելու մինչեւ ազատարար բանակին հասնիլը։ Կը վախճանի 1910ին։ 4. Լուսաբանութիւն մը Պերլինի 1878ի Դաշնագիրը ստորագրող եւրոպական վեց տէրութեանց Հալէպի հիւպատոսներու միջամտութեամբ, Զէյթունի եւ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի միջեւ, 10 Փետրուար 1896ին ստորագրուած «Հաշտութեան դաշնագիր»ը, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար կոչել պայմանագրութիւնը, որ կատարուած աքթ մը (իրողութիւն) եւ պատմութեան անցած վաւերաթուղթ մըն է, դժբաղդաբար շատ մը ձեւափոխումներու ենթարկուած է` իր մէջ պարունակած կարգ մը թէական (որոշուած եւ որոշուելիք) կէտերուն պատճառով։ Սուլթանի հրովարտակով վաւերացուելէ յետոյ, թուրք կառավարութեան կողմէ հրապարակուած է պայմանագրութեան ա՛յն մասը որ կը վերաբերէր` անմիջապէս հետեւանք տրուած որոշումներու մասին, ինչպէս Հնչակեան պարագլուխներու արտաքսումը, կայսերական ընդհանուր ներումը եւ Զէյթունի Զօրանոցէն գրաւուած զէնքերուն յանձնումը։ Իսկ պայմանագրութեան մնացեալ տրամադրութիւնները, ինչպէս քրիստոնեայ կառավարիչի եւ Զէյթունի ոստիկանութեան անուանում, յետամնաց տուրքերու շնորհում, նոր տուրքերու գեղչ, կեանքի եւ ինչքի ապահովութիւն, գաղթականաց տեղաւորում, Զէյթունի պահակագունդ եւ միջազգային երաշխաւորութիւն, կը նկատուին ո՛չ թէ իբր զիջում, այլ տեսակ մը «շնորհ» եւ ըստ այնմ Սուլթանին բարեացակամութեան ենթակայ կամ «Բարենորոգմանց ծրագիր»ին մաս կազմող հարցեր, հետեւաբար աննկատ կը թողուին` թէ՛ մտքերու մէջ շփոթութիւն յառաջ բերելու եւ թէ՛ Սուլթանին խայտառակ պարտութիւնը ծածկելու համար։ Բաց աստի, Զէյթունի 1895-1896ի շարժման նուիրուած զանազան երկասիրութեանց մէջ, մեր պրպտումներէն, նկատեցինք հետեւեալ անճշդութիւնները. Հնչակեան Կուսակցութեան պաշտօնաթերթը` Հնչակ կու տայ պայմանագրութեան ամբողջութիւնը` 16 յօդուածներէ բաղկացեալ։ Աղասի, Զէյթունի իր ֆրանսերէն հատորին մէջ (որ հիմնուած է Դեղին գրքի պաշտօնական արձանագրութեանց վրայ), պայմանագրութիւնը կը ներկայացնէ 7 յօդուածներու մէջ (որ կը համապատասխանէ Հնչակի հրատարակած Յօդուած Բ.էն մինչեւ Յօդուած ԺԲ.)։ Նոյնը ըրած է նաեւ Ապահ (Հայ արծիւներու բոյնը)։ Պ. Է. Վիթթօ (Զէյթուն ուղեւորող իտալական հիւպատոսը, որ Anatolio Latino ծածկանունով գրած է երկհատոր Gli Armeni e Zeitoun գիրքը) կը յիշէ միայն երեք յօդուածներ իբրեւ հիւպատոսներու արձանագրած պայմաններ։ Բրօֆ. Կ. Թումայեան (Պատմութիւն արեւելեան խնդրոյ եւ առաջնորդ հայկական հարցի), հիւպատոսներու պաշտօնագրին մէջ կը թուէ 5 յօդուածներ։ Մ. Սէմէրճեան (Զէյթունցի) կը դնէ 15 յօդուածներ եւ կը հաշուէ 16։ Մ. Վարժապետեան (Յուշիկք Զէյթունի) կը հերքէ Զէյթունցիի հրատարակած առաջին 3 յօդուածները, նկատելով զանոնք «ճշմարտութենէ զուրկ», եւ կու տայ պայմանագրութիւնը` 13 յօդուածներով։ Օրմանեան, իր Ազգապատումին մէջ, մատնանշելով վերոյիշեալ աղբիւրներէն ոմանք, կը բաւականանայ զանոնք իրենց տարբեր ձեւերուն մէջ արձանագրելով։ Չենք յիշատակեր ուրիշ հեղինակութիւններ ալ, որոնք իրենց կարգին օգտուած են վերեւի անճիշդ տեղեկութիւններէն։
245
Վերոյիշեալ աղբիւրներուն մէջ, անճշդութիւնները յառաջ եկած են, ինչպէս նկատեցինք, մամլոյ մէջ պայմանագրութիւնը, իր ամբողջութեամբ ու պաշտօնական ձեւով չհրատարակելէն, որոշուած եւ որոշուելիք կէտերը իրարու միացուելէն, ատկէ նաեւ բնագրի անհարազատ ձեւը, յօդուածներու սխալ դասաւորումը եւն։ Այս տուեալներու տակ, մենք ջանացինք պահել կնքուած պայմանագրութիւնը իր ամբողջական ձեւին մէջ (16 յօդուածներ)։ 5. Քայքայուած շարքերը Ֆրանսական կառավարութեան հրատարակած Դեղին տետրակին արձանագրութեան համաձայն (էջ 84-85), ապստամբութեան ժամանակ Զէյթունի վրայ արշաւող թուրք կանոնաւոր բանակի թիւը եղած է 20,000 զինուոր (25 վաշտ), ինչպէս նաեւ պաշի պօզուքներէ բաղկացած խուժանը (քիւրտ, չէրքէզ, եւն) 30,000, գումար` 50,000, որոնցմէ սպաննուած են 13,000 (կանոնաւոր) եւ 7000 (անկանոն) զինուորներ։ Սակայն, թապուր քեաթիպի Մուստաֆա էֆէնտիի վկայութեամբ հաստատուած է որ բանակը բաղկացած էր 110,000 զինուորներէ, որոնցմէ 40,000ը կանոնաւոր, իսկ 70,000ը անկանոն, ու կորուստը եղած է` 25,600 մարդ (32 վաշտ) (անոնցմէ մեծ մասը կուրծքերէն զարնուած), առանց հաշուելու ցուրտին եւ համաճարակին պատճառով մեռածները, անկանոն զինուորներու կորուստը եւն, որոնք մահացանկերու թիւը կը բարձրացնեն մինչեւ 32,000 զոհերու պատկառելի թիւի մը, ընդդէմ զէյթունցւոց ատոր մէկ տասներորդ ունեցած կորուստին։ Մուստաֆա էֆէնտիի հաշիւը աւելի ուղիղ է քան Դեղին տետրակինը, որովհետեւ անբնական է` կանոնաւոր զինուորներուն թիւը միայն 20,000 ներկայացնել եւ անոնցմէ 13,000ը սպաննուած հաշուել. նոյնպէս մարախի նման չորս կողմերէն բանակին միացող թուրք պաշի պօզուքներուն եւ չէրքէզներուն թիւը միայն 30,000 ցոյց տալ, երբ իրականին կէսէն ալ պակաս ըլլալը բացորոշ է։ Թրքական այդ խոշոր կորուստին մեծ պատճառը, բանակին մէջ ինկած վարակիչ հիւանդութիւնն էր։ 6. Այդ առթիւ, Ռէօթէր գործակալութիւնը հետեւեալը կը հեռագրէր Պոլսէն, 14 Փետրուար 1896 թուականով. Հնչակեան Կուսակցութեան վեց պարագլուխ անդամները, որ կը գտնուէին զէյթունցիներու մէջ, արտաքսուեցան օսմանեան հողէն, եւ 30 ոստիկան-զինուորներու հսկողութեան տակ, ինչպէս նաեւ հիւպատոսական թարգմանի մը ընկերակցութեամբ, ճամբայ ելան դէպի Մերսին, ուրկէ պիտի անցնին Եւրոպա։ 7. Թղթակիցը թէեւ չորս գրած է, բայց անոնց թիւը վեր է։ 8. Ըսել կ’ուզէ` 32 վաշտի մահացումը, որ կ’ընէ (32 x 800) 25,600 մարդ։ 9. Թղթակիցը այս անունները քաղած է Մերսինի քաղաքապետութենէն, զի հոն, աքսորեալ չորս գործիչներուն անունները արձանագրուած են` Կարապետ (որ Աղասիի մկրտութեան անունն է), Յակոբ (որ Ապահի համար կ’ակնարկէ) իսկ Համբարձում (Հրաչեայի համար)։ Մլեհը յիշուած է ծանօթ անունով։ 10. Տես.` Ներշնչումներ ազգային եւ յեղափոխական արդի կեանքէ, գրեց Պերճ, Գահիրէ, Վիմատպարան Մնտիկեան Եղբարց, 1898, էջ 72-74։ 11. Ակնարկութիւն` ռուսահայ մեծանուն զինուորական Լոռիս Մելիքոֆի, 1859 Ապրիլին իր Պոլիս այցելութեան առթիւ, թրքահայոց ուղղած ու այլեւս պատմական դարձած
246
հետեւեալ նշանաբանին. «Վերը բան մի՛ յուսաք, ան մեզի պէտք է, վարը բան մը ըրէք, հոն մենք ալ թերեւս ձեզի կ’օգնենք»։ Այդ «վարը» ըսել կ’ուզէր Կիլիկիան, այն միա՛կ կեդրոնը ուր հայոց համար հաւանականութիւն կար ուրոյն գոյութիւն մը ձեռք ձգելու։ 12. Հայկանոյշ պէտք է ըլլայ։ Հոս թուրք պատմագիրը կը շփոթէ Հայկանոյշը` զէյթունցի հերոսուհի Կատարի հետ։ 13. Հայատեաց պատմագիրը, ո՛չ միայն այս եւ յետագայ տողերուն մէջ խեղաթիւրած է դէպքերու նկարագրութիւնը, այլեւ շփոթած է Աղասին` Ապահի հետ, առաջնոյն վերագրելով` 1890ին Ամերիկա գացած ըլլալու առասպելը։ 14. Այս «յիշատակներ»երը Նազըմ փաշայի կողմէ խմբագրուած չեն, այլ ծայրէ ի ծայր գրուած են անբարեխիղճ ու անտաղանդ թերթօնագրի մը կողմէ։ Գրողը անշուշտ ձեռքին տակ ունեցած է Նազըմ փաշայի թողած թղթերու անկապ ու անյարիր ծրար մը, առանց դասակարգութեան, բայց յայտնի է որ զանոնք պատմական կարգով շարադասելու եւ անոնց վրայ հիմնուելով ժամանակակից պատմութեան էջեր գրելու տարրական ընդունակութենէն իսկ զուրկ է։ Իր նպատակը եղած է թերթօն-վէպ մը գրել եւ տողի վրայ դրամ ստանալ, բնականաբար աշխատելով իր յերիւրանքը պատշաճեցնելու արդի թուրք ընթերցող հասարակութեան մասնաւոր մտայնութեանը։ 15. Կ’ակնարկուի` Մարզուանի մէջ հանգանակուած գումարին, որմէ 650 ոսկին (եւ ո՛չ թէ 300 ոսկի) Լոնտոնէն յանձնուած էր Հրաչեային, որը, ինչպէս ծանօթ է ընթերցողին թուրք կառավարութենէն գրաւուեցաւ։ 16. Այդ օրերուն, Դրօշակ, նախանձի մաղձէն բռնուած, կը ջանայ Զէյթունի ապստամբութեան շարժումը ո՛չ-հնչակեան ձեռնարկ մը ցոյց տալ իր ընթերցողներուն, որուն ի պատասխան, Աւետիս Նազարբէկ, Հնչակի 1896 Յունուար 31ի համարին մէջ, հետեւեալ տողերով կ’արտայայտուի այդ մասին. Բայց մենք հասկանում ենք այդ կռկռոցները, որ Զէյթունի հրաշալի ապստամբութեան առիթով դուք բարձրացրել էք Հնչակեան Կուսակցութեան դէմ։ Ճիշդ է որ ձեր այդ աղմուկի նպատակն է հայ հասարակութեան կարծիքը մոլորել ու շեղել, եւ ձեր ի՜նչ փոյթը եթէ դրանից Զէյթունի գործը վնասվէ, բաւական է որ դուք ջանաք յագեցնել ձեր ոխը Հնչակեանների դէմ։ Սակայն հաւատացէք որ ձեր աղմուկով դուք միայն ձե՛զ էք խաբում ու հաւատացնում, որ Հնչակեանները իբր ոչ մի կապ չունեն Զէյթունի ապստամբութեան հետ։ Սկսած թիւրք կառավարութիւնից, ամբողջ աշխարհ գիտէ որ Զէյթունի ապստամբութիւնը նախաձեռնվել, կազմակերպվել ու նախագծվել է Հնչակեան Կուսակցութեան ձեռքով եւ միմիայն նրա նիւթական միջոցներով, որ հենց այն րոպէին, երբ դուք կռկռում էք մեր դէմ, Զէյթունի Հնչակեան գնդերը` Հնչակեան Ապահների, Մլեհների, Հրաչեաների եւ այլ բազմաթիւ առաքեալների առաջնորդութեան ներքոյ հերոսական յաղթանակներ են տանում...։ Դուք էլ գիտէք այդ, ինչպէս ամէնքը, բայց նրանումն է, որ ճշմարտութիւններ խոստովանելու ո՛չ սովոր էք եւ ո՛չ սիրող...։ Նոյնիմաստ բանավէճ մը 40 տարիներ վերջ ծագած է նաեւ ընդմէջ` Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի օրկան Պայքարի խմբագիր Պ. Ա. Նազարի եւ Հնչակեան Կուսակցութեան օրկան Երիտասարդ Հայաստանի խմբագիր Պ. Նուրհան Լուսինեանի միջեւ, երբ առաջինը Զէյթունի ապստամբութիւնը վերագրած է «ո՛չ թէ սոցիալիստական կարգերու հաստատման համար կատարուած ձեռնարկ մը, այլ գերազանցապէս ազգային խորք ու նկարագիր ունեցող շարժում մը որ տեղի ունեցած է` Կիլիկիոյ հայրենասէր Հնչակեանութեան խորհուրդով ու պատրաստութեամբ եւ Հնչակեան գործիչներու մասնակցութեամբ ու ղեկավարութեամբ, եւ իբր այդ, ո՛չ ոք, անձ կամ
247
կազմակերպութիւն, իրաւունք ունի իրեն սեփականութիւն համարելու Զէյթունի շարժումը, որ ամէն բանէ առաջ ու վեր` ազգային է ու այդպէս պէտք է մնայ»։ (Տես Պայքար, 10.11.1935, թիւ 264)։ Պ. Նուրհան Լուսինեան, երեւան հանելով հանդերձ «Ռամկավար Ազատական հրապարակագրի մը ցոյց տուած կուսակցական նեղմտութիւնը` պատմական իրողութիւնները խեդաթիւրելու հանդէպ, վեր կ’առնէ Զէյթունի փառապանծ ըմբոստութեան ունեցած պատմական կարեւորութիւնը այդ շարժման հետ, արդարութեան պարտք համարելով փառաբանել` զայն ծնող ու ղեկավարող Հնչակեան Կուսակցութիւնը»։ (Տես Երիտասարդ Հայաստան, 14.12.1935)։ 17. Զէյթունի շարժումը տեղական հանգամաք չունէր, Կիլիկիոյ ազատագրութեան ազդանշանն էր, եւ եթէ, ինչպէս ծրագրուած էր, տարածուէր ու ընդգրկէր ամբողջ Լեռնային Կիլիկիան, կրնար կատարուած իրողութեան մը առջեւ դնել թուրք կառավարութիւնն ու ամբողջ աշխարհը։ Բայց այդ շարժումը սահմանափակուեցաւ Զէյթունի մէջ, որովհետեւ թէեւ Կիլիկիոյ ամբողջ ազատատենչ հայութիւնը մէկ սիրտ, մէկ հոգի եղած նուիրւեցաւ այդ գործին` բարձր յոյսերով, բայց գտնուեցան «խոհեմ» տարրեր, որոնք իրենց խափանարար դերով, եթէ չկրցան շարժումը արգիլել ի սպառ, ջլատեցին ատոր թափը։ 18. Չենք գիտեր թէ չխղճահարեցա՞ն ու չզղջացի՞ն այդ տարրերը, երբ խաղաղութեան համար միջամտող հիւպատոսներէ իսկ իմացան, որ եթէ Զէյթուն երկու-երեք ամիս ալ կարենար դիմադրել, արդիւնքը բոլորովին տարբեր կրնար ըլլալ Կիլիկիոյ հայութեան համար։ 19. Երբ Զէյթունի շարժումէն առաջ ու յետոյ, հայ պաշտօնական անձինք եւ քաղաքական գործիչներ յաճախ ափ առին Եւրոպական կառավարութիւններու եւ հիւպատոսարաններու դռները` հայ ժողովուրդին ցաւը լալու համար։ 20. Սուլթան Համիտ, երբ պետութեանց միջամտութեամբ ու ջանքերով իր ընդունած «Բարենորոգմանց ծրագիր»ներն ու բոլոր յանձնառութիւնները ծալլեց մէկ կողմ դրաւ միշտ, Զէյթունի համար եղած կարգադրութիւնները յարգեց ու անխափան գործադրեց մինչեւ իր գահընկէցութիւնը, եւ Մարաշի ու Հալէպի քաղաքային ու զինուորական իշխանութիւնք ալ միշտ ակնածանքով վարուեցան զէյթունցիներու հետ։ 21. Յիշեալ դիւցազներգութիւնը զոր Աղասի գրի առած է ֆրանսացի նշանաւոր բանաստեղծի մը ցուցմունքներով, ֆրանսերէնի թարգմանուելէ վերջ, կոչուած էր օբերայի վերածուելու, ինչ որ նիւթական արգելիչ պատճառներով կը մնայ իր ծրագրի վիճակին մէջ։ 22. Հատորիս մէջ յիշատակուած թուականները Նոր Տոմարով են ու վաւերական. իսկ շարք մը տարբեր երկասիրութիւններու մէջ` համապատասխան դէպքերու մասին ցուցուած թուականներէն ոմանք Հին Տոմարով են եւ ոմանք ալ սխալ։
248
ԳԼՈՒԽ Թ. ՔՍԱՆԱՄԵԱՅ ՇՐՋԱՆ (1896-1915) Թող խորտակուի՛ն այն սուրերը որոնք յեղափոխութեան յաղթանակին համար գնուած, բայց յեղափոխական զինուորները կը յօշոտեն ու ազգին բարերարները կը մահացնեն։ ԱՊԱՀ
Ա
յս գլուխին մէջ կը ներկայացնենք 1896-1915ի քսանամեայ շրջանը, քսանամեակ մը որ կ’երկարի` 1896ի Համիտեան կոտորածներէն մինչեւ 1915ի տեղահանութիւնները։ Անցման շրջան մըն է ան հայաքանդ ծրագրի մը` սկսած առաջին ջարդերէն մինչեւ երկրորդ ջարդերը։ Այս երեւութապէս խաղաղ ժամանակամիջոցը սակայն լի է ուշագրաւ դէպքերով։ Մասնաւորելով մեր խօսքը ներկայ հատորի շօշափած հարցերուն, կրնանք որոշապէս ըսել թէ ազգային տեսակէտով այս շրջանի՛ն է որ յաջորդարար տեղի կ’ունենան` Հնչակեան Կուսակցութեան հերձուածը, Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան կազմութիւնը, կուսակցագար պայքարները, մէկը միւսը գերազանցող եղբայրասպան կռիւները, հայ ունեւորներէ բռնի դրամահաւաքութիւնը, Հ.Բ.Ը.Միութեան կազմութիւնը, Օսմանական խաբուսիկ Սահմանադրութեան հռչակումը, Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը, Ատանայի ջարդը, եւն, եւն, որոնց մէջ Ապահի անունը եւս յաճախ յիշատակուած է, առաւել կամ նուազ կարեւորութիւն ունեցող դերերու ստանձնումով։ Ջանանք մի առ մի քննել զանոնք։
Ապահ Լոնտոնի մէջ Անգլիական ոստանին մէջ իր անցուցած քանի մը ամիսներուն ընթացքին (27 Մարտ - 12 Նոյեմբեր 1896), յիշատակութեան արժանի գլխաւոր դէպքը կը հանդիսանայ Հնչակեան Կուսակցութեան հերձուածը։ Սակայն ի՞նչպէս անցուց Ապահ իր օրերը Անգլիոյ մէջ եւ ի՞նչ եղաւ իր դիրքը այդ հերձուածին հանդէպ։ 1896 Յունիս 9ին, Oxford քաղաքի համալսարանական շրջանակներէն,
249
քանիցս ուղղուած կոչերուն ի պատասխան, Ապահ եւ ընկերներ այդ օր կը մեկնին յիշեալ վայրը։ Տեղւոյն վրայ կը կատարուին հիւրասիրութիւններ, իրենց ի պատիւ կը տրուին հացկերոյթներ եւն անգլիացի երեւելիներու կողմէ։ Երկու օր հազիւ կը մնան հոն, որու ընթացքին տեղի կ’ունենան երկու հանդէս-հաւաքոյթներ, գլխաւոր նպատակ ունենալով ծանօթացնել հայկական հարցը քաղաքակիրթ Եւրոպայի։ Խօսք կ’առնեն հայ թէ օտար ճառախօսներ, եւ ստեղծուած խուռնամբոխ մթնոլորտին մէջ, ի պատուի կ’ըլլան «Զէյթունի Առաքեալներ»ը։ Մեկնումէն առաջ, անոնք, ընդհանուր հիացումի մէջ, կ’երթան այցելել Oxfordի գլխաւոր համալսարանները, հնութեանց եւ գեղարուեստից թանգարանները եւն։ Լոնտոնի մէջ, Ապահ եւ ընկերներ միշտ զբաղուած կ’ըլլան հայ եւ անգլիացի այցելուներ ընդունելով։ Ասոնցմէ զատ, Հնչակեան Կեդրոնին մէջ կուտակուած գործերու կարգադրութեանց, ժողովներու գումարման եւն.ի համար, անոնք հարկադրուած կ’ըլլան գիշեր-ցորեկ աշխատելու։ Այդ օրերուն, Սուլթան Համիտ, Լոնտոնի մէջ ուրիշ դաւ մը եւս կը լարէ հայ յեղափոխականները լռութեան դատապարտելու համար։ Իր կողմէն, Հնչակեան Կեդրոնի եւ Լոնտոնի հայ յեղափոխական շրջանակներու հետ բանակցելու եւ իրաւախոհութեամբ փոխադարձ հասկացողութեան մը գալու պատրուակին տակ, իր կողմէ բանագնաց կամ պատուիրակ կը նշանակէ Հեռ Ֆօն Նիվլինսքին։ Յիշեալը արդարեւ տեսակցութիւններ կ’ունենայ Հնչակեան Կեդրոնի, Զէյթունի յեղափոխական պետերուն, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի «Անկլօ-հայկական» ընկերակցութեան կարեւոր անդամներուն հետ, անոնց ճառելով` Թուրքիոյ մէջ մտցուելիք «ընդարձակ բարենորոգումներ»ու մասին, Սուլթանի կողմէ խոստացուած, ի փոխարէն առաջարկելով հայ կուսակցապետերուն` հրաժարիլ «յեղափոխական քարոզ»ներէ։ Յիշեալ պատգամաւորը եւ իր միջնորդը, քանիցս գրաւոր թէ անձամբ դիմելէ վերջ ակնարկուած հայ շրջանակներուն, աւելորդ է ըսել թէ բացարձակ մերժումի եւ վտարումի կ’ենթարկուին։ Ապահ եւ ընկերներ դեռ Լոնտոն չհասած, Հնչակեան գլխաւոր մասնաճիւղերու կողմէ` ընդհանուր ժողով մը գումարելու առաջարկը կու գայ Նազարբէկեաններուն։ Բայց Նազարբէկեան ամոլը միշտ խուսափողական պատասխաններ կու տայ։ Զէյթունի յեղափոխական պետերու Լոնտոն ներկայութենէն օգտուելով երբ ուրիշ գործիչ ընկերներ ալ կը հաւաքուին անոնց շուրջ, Հնչակեան բոլոր մասնաճիւղերէ կը տեղան` ընդհանուր ժողով գումարելու առաջարկութիւններ։ Հոն գտնուող կուսակցականներով, խորհրդակցական ընդհանուր ժողով մը կը գումարուի, որուն ներկայ կ’ըլլան Նազարբէկեանները, ուր կ’որոշուի բոլոր Հնչակեան մասնաճիւղերուն ալ հրաւիրագրեր ուղարկել, առաջադրուած ընդհանուր ժողովի համար պատգամաւորներ ուղարկելու։ Նազարբէկեաններուն յարմար չի թուիր այս առաջարկը, որովհետեւ ատոր մէջ անոնք կը տեսնեն թէ
250
հարցը լրջօրէն ձեռք կ’առնուէր։ Անոնք բացարձակապէս կ’ընդդիմանան բոլոր մասնաճիւղերուն հրաւիրագրեր ուղարկելու բանաձեւին, ու կը բաւականանան միայն երկրի մէջ գործող մասնաճիւղերուն ձայնի իրաւունք տալ, զի իրենք քաջ գիտէին թէ արտասահմանի Հնչակեան մասնաճիւղերը շատ լաւ ծանօթ էին իրենց սխալ գործունէութեանց, եւ կրնային պատգամաւորներու միջոցաւ իրենց դիմակը վար առնել տալ, ու հասարակութեան մէջ խայտառակել։ Այսպէսով, Նազարբէկեանները կը պնդեն իրենց տեսակէտին վրայ, սպառնալով հակառակ պարագային, ընդհանուր ժողով չգումարել։ Շատ մը հակամարտութիւններէ վերջ, որ կը տեւէ գրեթէ երկու շաբաթ, փորձ մը կ’ըլլայ, ութ գործիչներու ստորագրութեամբ (որոնցմէ երկուքը Նազարբէկեաններէն), հրաւիրագրեր ուղարկել միայն երկրի մէջ գործող մասնաճիւղերուն։ Արտասահմանի մասնաճիւղերը, իմանալով այս խնդիրը, կը սկսին բողոքի ձայն բարձրացնել` իրենց դէմ եղած անիրաւութեանց համար։ Ապահ եւ ընկերներ, կրկին դիմելով Նազարբէկեաններուն, կը մատնանշեն` Թուրքիայէն դուրս գտնուող մասնաճիւղերուն արդարացի բողոքները։ Ի վերջոյ, կարելի չըլլալով համաձայնութեան գալ, բողոքող Հնչակեաններէն` Արփիարեան, Տամատեան, Ռշտունի եւ Չիթճեան, կը ստիպւին Նազարբէկեաններու տունէն ելլելով նոյն թաղին մէջ զատ տեղ բնակիլ (99 Frithville Gardens, Shephered’s Bush)։ Յիշեալները կը գրեն բոլոր բողոքող մասնաճիւղերուն որպէսզի իրենց պատգամաւորներ ընտրելով, Լոնտոն ուղարկեն` Օգոստոս 1ի ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար։ Ու այդպէս ալ կ’ըլլայ։ Անյետաձգելի ընդհանուր ժողովի մը համար միտքերը լուսաբանելու եւ Հնչակեան ապիկար Կեդրոնի դէմ բողոքներ բարձրացնելու նպատակով, Յուլիսի սկիզբը, Աղասի, իր ընկերներուն խորհուրդով, ամսուան մը համար կ’այցելէ Եւրոպայի Հնչակեան մասնաճիւղերը. ան կ’ուղեւորի մինչեւ Պուլկարիա, եւ վերադարձին, իրեն կ’ընկերանայ տեղւոյն Հնչակեան պատգամաւոր` Ա. Ոստանիկ։ Նիկոսիայի Հնչակեան Մասնաճիւղը, 26 Յուլիս 1896 թուակիր փոխանորդագրով մը, Լոնտոնի Հնչակեան Կեդրոնին Ա. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին լիազօր ներկայացուցիչ կը կարգէ Ապահը, սակայն վերջին պահուն, Լոնտոնէն յարմար կը նկատուի որ Միհրան Սվազլեան եւս ներկայ գտնուի` Կիպրոսի Հնչակեան շրջանակը ներկայացնելու համար։ Մինչ պատգամաւորներու գալուստը, Ապահ, 1896ի Յուլիս ամիսը կ’անցընէ` Տուվըրի արուարձաններէն, ծովափնեայ Ramsgate ամառանոցը, Թայմզի գետաբերանին մօտ, Տէր եւ Տիկին Նազարբէկեաններուն, Յարութիւն Խանիկեանի (Վարդան), Պետրոս Մարիմեանի եւ այլոց հետ։ Որոշեալ թուականին արդէն ներկայ կ’ըլլան երկրի թէ արտասահմանի մասնաճիւղերուն գրեթէ բոլոր պատգամաւորները։ Այս վերջիններուն ստորագրութեան տակ գրաւոր դիմում կ’ըլլայ Նազարբէկեաններուն, խնդրելով ճշդել
251
ժողովի բացման թուականը։ Երկու օր վերջ, գոռոզ ամոլը արհամարհական կերպով կը յայտնէ թէ` երկրի պատգամաւորներէն զատ ո՛չ մէկ անհատ կ’ընդունի իր տան մէջ (մինչդեռ տունը կուսակցութեան դրամով վարձած էր)։ Պատգամաւորները եւ բողոքող գործիչները կը ստիպուին անկախաբար ժողով գումարելու համար հրաւիրագիր ուղարկել թէ՛ Նազարբէկեաններուն եւ թէ՛ նոյն տանը մէջ բնակող գործիչ ընկերներուն։ Մինչեւ այդ ընդհանուր ժողովի բացման օրը (20 Օգոստոս), Ապահ Նազարբէկեաններուն քով կը մնար։ Ժողովէն շաբաթ մը առաջ, Ապահ կը սպառնայ Նազարբէկեաններուն` հեռանալ այդ տունէն եթէ կուսակցութեան գործերը համերաշխութեամբ գործադրել չուզէին։ Ամբողջ շաբաթ մը, անոնք կը ջանան տարհամոզել զինքը` չհեռանալու իրենց քովէն, նոյնիսկ կաշառք խոստանալով իրեն։ Ապահ սակայն, չի տարուիր այդ խաբեպատիր խոստումներէն, ան էնթրիկի ու խղճմտանքի սակարկութեան մարդը չէր, եւ հուսկ ուրեմն տեսնելով որ անկարելի պիտի ըլլայ համերաշխութիւն մը գոյացնել, ընդհանուր ժողովին օրը Հինգշաբթի, 20 Օգոստոսին, վերջնականապէս թողլով Նազարբէկեանները, ու թքնելով անոնց գործած շահատակութեանց վրայ, կ’երթայ միանալ բողոքող Հնչակեաններուն, որոնց կողմէ գումարուող Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին հրաւիրուած էր պաշտօնապէս։
Հնչակեան Կուսակցութեան հերձուածը Ի՞նչ էին այս հերձուածին ծնունդ տուող պատճառները։ Հնչակեան Կուսակցութիւնը հիմնուելէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով, 1896 Օգոստոսին, Լոնտոնի մէջ կը գումարուի Կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովը, որ անաչառ քննութեան կ’ենթարկէ Կեդրոնական Վարչութեան ընթացքը։ Այդ ժողովին առթիւ երեւան կու գայ որ ինը տարի շարունակ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, եւ անոր հետ հայ ազգը, զոհ եղած են մինչեւ այն ատեն մեր մէջ աննախընթաց եղող շլացիկ պոռոտախօսութեան մը։ Պատնէշներուն վրայ կռուող Հնչակեանները ուրեմն, ժամանակ չէին ունեցած տեղեկանալու թէ ի՞նչ կ’ընէր իրենց Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը։ Անոնք կը կարծէին որ երբ մէկ կողմէ իրենք երկրի ժողովուրդին հետ արիւննին կու տային, միւս կողմէ Եւրոպայի մէջ գտնուող Հնչակեան Կեդրոնն ալ (թէեւ ինքնակոչ), գոնէ կը գործէր խելքով եւ բարեխղճութեամբ։ Տարբեր կ’ըլլայ սակայն պարզուած եղելութիւնը` Ընդհանուր Ժողովի միջոցին։ Հայ ազատագրական պայքարին եւ յեղափոխութեան անունով կատարուած դէպքերէն յիշելով միայն Զէյթունի 1895ի ապստամբութիւնը, ի շարս այդ ապստամբութեան ձախողման պատճառներուն, կրնանք աւելցնել թէ տարբեր ելք մը եւ ազգային ճակատագրին վրայ տարբեր փոփոխութիւն կրնար յառաջ գալ, եթէ Հնչակեան Կեդրոնը, իրեն վստահուած պատասխանատուութիւնը եւ գիտակցութիւնը ունեցած ըլլար։ Զէյթունի Ապստամբութեան Հնչակեան վեց պարագլուխներէն զատ, ինչպէս
252
ըսինք, 1896ին զանազան կողմերէ Հնչակեան Կեդրոնը` Լոնտոն կը հասնին նաեւ հետեւեալ ծանօթ գործիչները` Արփիար Արփիարեան, Միհրան Տամատեան, Միհրան Սվազլեան, Գարեգին Չիթճեան, Լեւոն Մկրտիչեան, Արթիւր Օհանջանեան, Անտոն Ռշտունի, Ալեքսան Արզուեան (Վահէ), զէյթունցի Կարապետ Տ. Յակոբեան եւն։ Վերոյիշեալ Հնչակեան մտաւորականները` կուսակցութեան Կեդրոնը կը գտնեն պահանջուած ձեռնհասութենէն զուրկ` վարելու համար յեղափոխութեան գործը Թուրքիոյ մէջ։ Անոնք կը տեսնեն թէ ի՞նչպէս յեղափոխութեան անունով հաւաքուած դրամները մսխուած էին ընկերվարական պրօպականտին համար. թէ Կեդրոնին մէջ կը պակսէր հեռատեսութիւն, լրջութիւն եւ խոհականութիւն, չկար լուրջ ծրագիր։ Նազարբէկ վիժեցուցած էր Փոքր Հայքի, Արաբկիրի, Սասնոյ եւ այլ տեղերու յեղափոխական ձեռնարկները։ Փոքրիկ դէպքեր եւ շարժումներ մեծադղորդ րէքլամներով ու յայտարարութեամբ ներկայացուցած էր հայ ժողովուրդին իբրեւ յեղափոխական մեծ գործ։ Կայացած Ընդհանուր Ժողովը, ուրեմն ազգային պարտականութիւն կը համարէ, առանց բան մը ծածկելու, դառն ճշմարտութիւնը պարզել կուսակցութեան առջեւ, եւ անով ազգին յայտնել։ Մեծամասնութեան ձայնով, կուսակցութենէն կ’արտաքսուին Նազարբէկեանները։ Անոնց տեղ, կեդրոնանկան նոր վարչութիւն մը կ’ընտրուի այնպիսի տարրերէ, որ թրքական պետութեան իսկական վիճակին տեղեակ, եւ միանգամայն եւրոպական քաղաքականութեան հետամուտ, կ’աշխատի որ որեւէ բաղդախնդրութեան, թեթեւ ու յախուռն զործունէութեան զոհ չերթայ ազգային դատը։ Ստորեւ կու տանք Հնչակեան Կուսակցութեան Պատգամաւորական Ա. Ընդհանուր Ժողովոյ նիստերուն ատենագրութեանց ամփոփումը։ Հնչակեան Կուսակցութեան Պատգամաւորական Ա. Ընդհանուր Ժողովը կը գումարուի Լոնտոնի մէջ` 1896ին։ Առաջին նիստը տեղի կ’ունենայ Օգոստոս 20ին, ներկայութեամբ 19 ձայնի, որոնց թիւը յետոյ կը հասնի մինչեւ 24ի։ Այս ձայները կը ներկայացնէին երկրի եւ արտասահմանի մասնաճիւղերը, ու այդ միջոցին Լոնտոն գտնուող Հնչակեան կարեւոր գործիչներ։ Ժողովը պատգամաւորներու վկայագրերը քննելէ ու հաստատելէ յետոյ, կ’ընտրէ իր դիւանը հետեւեալ կերպով. Պ.Պ. Միհրան Սըվազլեան` ատենապետ, եւ Միհրան Տամատեան` ատենադպիր։ Օրակարգի առաջին խնդիրը կ’ըլլայ Կեդրոնի համարատուութիւնը։ Ժողովը հինգ անդամէ յանձնախումբ մը կը նշանակէ պատրաստելու համար համարատուութեան մանրամասնութիւնները։ Իսկ երկրորդ խնդիրը կ’ըլլայ` կուսակցութեան հիմնական կանոնագրին եւ նպատակին իրագործման ծրագիրներուն պատրաստութիւնը։ Հինգ անդամէ ուրիշ յանձնախումբի մը կը յանձնուի այդ աշխատութիւնը ընել։ Համարատուութեան յանձնախումբը իր տեղեկագիրը կը բերէ Օգոստոս 31ի Երկուշաբթի
253
օրուան նիստին։ Ընդհանուր Ժողովի դիւանը Կեդրոնի անդամ Պ. Աւետիս Նազարբէկեանի եւ Տիկին Մարիամ Նազարբէկեանի, ինչպէս նաեւ իրենց մօտ գտնուող երեք ընկերոջ հրաւիրագրեր կ’ուղարկէ` ներկայ գտնուելու ժողովին շարունակական նիստերուն, բայց այդ ընկերներէն մէկը միայն անձամբ կը պատասխանէ եղած հրաւէրին, իսկ միւս չորս ընկերները չեն ներկայանար։ Ժողովը սակայն իր դիւանին միջոցաւ կրկին կը հրաւիրէ Տէր եւ Տիկին Նազարբէկեանները` անձամբ ներկայ գտնուիլ Օգոստոս 31ի նիստին, եւ իրենց համարատուութիւնը ներկայացնել. բայց Կեդրոնի այս երկու անդամները դարձեալ հետեւանք չեն տար իրենց եղած հրաւէրին։ Ասոր վրայ, ժողովը, Կեդրոնի անդամներուն բացակայութեանը կը քննէ Կեդրոնին ինը տարուան գործունէութեան մանրամասնութիւնները։ Դարձեալ ան է որ կը քննէ` Նազարբէկեան ամոլին դէմ եղած բոլոր ամբաստանութիւնները եւ նախորդ Կեդրոնական Վարչութեան կատարած գործունէութիւնը։ Ժողովը իր մէջ ունենալով Սասունի, Փոքր Հայքի, Կիլիկիոյ եւ Կ. Պոլսոյ մէջ կատարուած յեղափոխական գործերուն բոլոր ղեկավարները (անոնցմէ շատեր Կեդրոն մնացած ըլլալով), ան կարող կ’ըլլայ այդպէսով իւրաքանչիւրէն ստանալ ճշգրիտ տեղեկութիւններ, եւ անոնց վրայ հիմնուելով, իր Սեպտեմբեր 8ի նիստին մէջ, Նազարբէկեան ամոլը պաշտօնանկ կ’ընէ Կեդրոնի անդամակցութենէն եւ միանգամայն կ’արտաքսէ Հնչակեան Կուսակցութենէն, իբրեւ անկարող եւ անբարեխիղճ ղեկավարներ։ Այս որոշումը կը տրուի ընդարձակ վճռագրով մը, ժողովին ներկայ բոլոր անդամներէն ստորագրուած, եւ Սեպտեմբեր 9ին կը հաղորդուի Աւետիս եւ Մարիամ Նազարբէկեաններուն։ Ժողովը յետոյ կը զբաղի հիմնական կանոնագրի խնդրով։ Յանձնախումբին ներկայացուցած նախագիծը քննելով եւ պէտք եղած բարեփոխութիւնները կատարելով, կը քուէարկուի Հնչակեան Կուսակցութեան նոր Կանոնագիրը, 61 յօդուածներէ բաղկացած, որուն մէջ կուսակցութեան ծրագրէն բոլորովին կը ջնջուի ընկերվարական յայտագիրը, իբր նպատակ ունենալով միմիայն ազգային փրկութիւնը։ Այս որոշումը կը տրուի հիմնուելով անցեալ փորձառութեանց վրայ, եւ յարմար կը դատուի չփորձել այլեւս մասնակի եւ ապարդիւն ցոյցեր, յեղափոխական գործը վարել վերջին ծայր գաղտնապահութեամբ եւ մարտական ուժի համար պատրաստուիլ հեռատեսութեամբ եւ խոհականութեամբ։ Ժողովականները աւելորդ եւ վնասակար կը նկատեն ուրեմն, ընկերվարականութեան քարոզութիւնը տաճկահայ ազատագրական դատին համար, եւ ի սպառ կը վտարեն ընկերային այդ վարդապետութիւնը Հնչակեան ծրագրէն, մնալով զուտ ազգային գետնի վրայ։ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ կ’ընտրուին` Միհրան Սըվազլեան, Միհրան Տամատեան, Արփիար Արփիարեան, Լեւոն Մկրտիչեան եւ Սուրէն Սուրէնեան։ Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը կը սկսի հրատարակել Հնչակ թերթը, սակայն Նազարբէկ դատ կը բանայ Կեդրոնական Վարչութեան դէմ եւ կը յաջողի
254
հաստատել թէ Հնչակը իր եւ իր կնոջ` Մարօ Նազարբէկեանի սեփականութիւնն է։ Թերթը մէկ քանի թիւեր միայն բողոքողներու կողմէ կը հրատարակուի առանց անունի։ Միեւնոյն ժամանակ Նազարբէկ կը շարունակէ հրատարակել Հնչակը եւ ըստ առաջնոյն ինքզինք ներկայացնել իբրեւ Կեդրոնական Վարչութիւն։ Աւետիս Նազարբէկեան եւ իր համախոհները միւս կողմէ, անդրդուելի մնալով իրենց պաշտօնին ու դիրքին վրայ, հետեւեալ «Պաշտօնական Յայտարարութիւններ»ը կ’ընեն` երկուութեան մատնուած Հնչակեան շարքերուն մէջ։ Լսենք նաեւ միւս «զանգակ»ին ձայնը. Կուսակցութեանս նախորդ Կենտրօնի պաշտօնական Հրաւիրագրով` ներկայ Սեպտեմբերին Լօնդօնում գումարուեցաւ Կուսակցութեանս Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը, որ բաղկացած էր տասնեւվեց պատգամաւորներից եւ խորհրդատու անդամներից, եւ ի գիտութիւն Հնչակեան Կուսակցութեան Մասնաճիւղերին յայտարարւում է, որ իր չորրորդ նիստում քննելով Հնչակեան Կուսակցութեան իննամեայ գոյութեան ժամանակամիջոցին ունեցած Մուտքի եւ Ելքի հաշուետոմարները, Պատ. Ընդհ. Ժողովը գտաւ նրանց ճիշտ ու կանոնաւոր։ Յայտարարում է նմանապէս, որ նոյն նիստում Պատգամ. Ընդհ. Ժողովը հաստատեց նաեւ, որ Հնչակեան Կուսակցութեան իննամեայ գոյութեան միջոցին` Կուսակցութեանս, որպէս եւ Հնչակ, Ապտակ եւ Գաղափար պարբերական հրատարակութիւնների հիմնադիրներ ու վարիչներ Պ. Աւետիս Նազարբէկեանց եւ Տիկին Մարիամ Նազարբէկեանց նուիրել են Կուսակցութեանս 18,709 ֆրանկ, ինչպէս ձեռնարկելով Հնչակը` որպէս սեփական թերթ, նրա իննամեայ ծախքերն էլ հոգացել են իրենց միջոցներով։ Պատգ. Ընդհ. Ժողովը յայտարարում է նաեւ, Որ` համաձայն Կուսակցութեանս Ծրագրի եւ Ներքին Կանոնագրի տրամադրութիւնների` նա ձեռնարկեց Կուսակցութեանս Կենտրօնի նոր անդամների ընտրութեան։ Ընտրուեցան եօթ անձեր` համաձայն նոյն Ներքին Կանոնագրի եւ կազմուեց Հնչակեան Կուսակցութեան նոր Կենտրօն, որի պաշտօնավայրն է` Լօնդօն, 22, Ormiston Road, Shepherd’s Bush, W.։ Պատգ. Ընդհ. Ժողովը հարկ է համարում յայտարարել այդ առիթով, Որ` բացարձակ միաձայնութեամբ վերընտրուեցան անդամներ Կենտրօնի` Կուսակցութեանս երկու հիմնադիրներ Աւետիս եւ Մարիամ Նազարբէկեանց։ Սակայն հակառակ այդ վերընտրութեան, Նազարբէկեանցները տալով` երկար պնդեցին իրանց հրաժարականների վրայ Կենտրօնի անդամակցութիւնից, եւ Պատգամաւորական Ընդհ. Ժողովի անդամների միաձայն կրկնակի թախանձանքներից յետոյ միայն կարելի եղաւ աջողել նրանց յետ առնել տալ իրանց հրաժարականները։ Հնչակեան Կուսակցութեան Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի կողմից` Նախագահ` Հմայեակ Խուշպուլեան Քարտուղար` Մարիմեան 17 Սեպտեմբերի 1896, Լօնդօն
255
Դարձեալ Աւետիս Նազարբէկեան, իբրեւ «Նախագահ Հնչակեան Կուսակցութեան Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովոյ» 25 Սեպտեմբեր թուակիր «Յայտարարութեամբ» մը, Հնչակեան շարքերը կը զգուշացնէ` Արփիար Արփիարեանի, Միհրան Տամատեանի, Անտոն Ռշտունիի եւ իրենց հետեւորդներուն` ինչպէս Միհրան Սըվազլեանի, Աղասիի, Ապահի եւ այլոց կողմէ գործըւած «շահատակութեանց» դէմ, եւ զանոնք «արտաքսուած» կը հռչակէ Հնչակեան Կուսակցութենէն։ Ուրիշ «Նօթ»ով մը եւս, ինք, Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի անունով կը յայտարարէ թէ վերոյիշեալ խմբակը լոյս ընծայեր է կեղծ Հնչակը, ջանալով անոր պարունակութիւնն ու ծաւալը նմանցնել իսկական Հնչակ թերթին եւն։ Այդ «պաշտօնական յայտարարութիւններ»ուն եւ Նազարբէկեանի «շինծու խօսքեր»ուն պատշաճ պատասխանը կու տայ նոյնինքն հերձուածող Հնչակ իր 16 Նոյեմբեր 1896ի համարին մէջ։ Պարոն եւ Տիկին Նազարբէկեանները կարող չեղան ըմբռնել թէ յեղափոխական կուսակցութեան մը ղեկավարները երբ կը հասնին այն կացութեան ուր այսօր կը գտնուին իրենք, ուրիշ բան չունին ընելիք բայց եթէ թաղուիլ խոր լռութեան մէջ, եւ ջանալ որ եթէ ոչ իրենց յիշատակը գէթ իրենց անունը մոռնայ ժողովուրդը։ Յուսանք թէ, ուրիշ անգամ չենք հարկադրուիր զբաղիլ այնպիսի անձերով որոնք հայ յեղափոխութեան եւ հայ ազգին համար այլեւս վերջացած են։ Հրապարակի վրայ երեւցաւ գրութիւն մը, 1896 Սեպտեմբեր 17 թուակիր, հետեւեալ ստորագրութիւններով. Հնչակեան Կուսակցութեան Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի կողմից` Նախագահ` Հմայեակ Խուշպուլեան Քարտուղար` Մարիմեան։ Նմանապէս դարձեալ երեւցաւ ուրիշ գրութիւն մը, 1896 Սեպտեմբեր 25 թուակիր, հետեւեալ ստորագրութիւնով. Հնչակեան Կուսակցութեան Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի կողմից` Նախագահ` Աւետիս Նազարբէկ։ Ինչպէս կրնայ ենթադրուիլ այս գրութիւններէն, իբր թէ Հնչակեան Կուսակցութեան Պատգամաւորական Ժողով մը գումարուած է որուն նախագահներն ու քարտուղարն ալ յիշեալ պարոններն եղած են։ Մենք ձեռքերնիս ունինք գրութիւն մը որուն ներքեւ ստորագրած են Պ. եւ Տիկին Նազարբէկեաններու քով գտնուող անձերը։ Այդ ցուցակին մէջ նշանակուած են իւրաքանչիւրի տիտղոսները, սակայն ո՛չ «նախագահ» Պ. Հմայեակ Խուշպուլեանի, եւ ո՛չ «քարտուղար» Պ. Պետրոս Մարիմեանի անուններու քով «պատգամաւոր այս ինչ Մասնաճիւղին» բացատրութիւնը կայ։ Նմանապէս եւ ո՛չ ալ Պ. Աւետիս Նազարբէկեան ո՛րեւէ Մասնաճիւղէ պատգամաւոր ընտրուելու պատիւը ունեցած է։ Այդ ցուցակին մէջ միայն հինգ անունի քով «պատգամաւոր» նշանակուած է։ Ասոնցմէ երկուքը Երկրի Մասնաճիւղերէն են. մէկը Տ. Մարիամ Նազարբէկ-
256
եան եւ միւսը Պ. Հրաչեայ. իսկ երեքը [իմա` Աւետիս Նազարբէկեան, Հմայեակ Խուշպուլեան եւ Պետրոս Մարիմեան, Մ.Պ.] Կովկասէն ու Պարսկաստանէն։ Առաջին երկուքին նկատմամբ ո՛րեւէ հակառակ դիտողութիւն չի նկատուիր, իսկ միւսներուն համար կարելի է շատ առարկել։ Բայց ենթադրելով թէ անոնք ալ կրնան օրինաւոր համարուիլ, բոլոր պատգամաւորներուն թիւը հինգէն աւելի չ’անցնիր։ Ինչպէս կ’երեւի, Պ. եւ Տ. Նազարբէկեաններու համար օրինաւոր չի կրնար համարուիլ այն Ժողովը որուն մէջ 17 պատգամաւորական ձայն կը ներկայացուին, իսկ 5 ձայն օրինաւորութիւն է։ Եւ այդ հինգ «պատգամաւորական» ձայնէն ալ երկուքը միայն Երկրի Մասնաճիւղերը կը ներկայացնեն։ Դիտելի է նաեւ որ այդ երկու ձայնէն ալ մին, Տ. Մր. Նազարբէկեան, Կեդրոնին անդամ ըլլալով ձայն չունի համարատուութեան գործին մէջ, այնպէս որ Հնչակեան Կուսակցութեան Երկրի բոլոր Մասնաճիւղերը միայն մէկ ձայնով հաշիւ ու համար կ’առնեն Պ. եւ Տ. Նազարբէկեաններէն։ Եւ այս տեսակ վարպետութիւններ հայ ժողովրդին մարսել տալու համար, ի՞նչ հեղինակութիւն ունին մի Խուշպուլեան կամ մի Մարիմեան, որոնց քղանցքներուն տակ կը մտնեն Նազարբէկեանները ինքզինքնին պաշտպանելու համար Կուսակցութեան եւ հայ ազգին առջեւ։ Առաջինը անծանօթ մըն է, երկրորդը անցած տարի բանտէն ելլելէն յետոյ քաշուած էր Ռուսաստան։ Նազարբէկեանները կարեւոր գումար մը ղրկելով իրեն հրաւիրեցին զինքը, մօրը հետ մէկտեղ, քովերնին։ Հանգիստ կ’ապրին։ Պ. Խուշպուլեանն ալ իրենց բաղդակից եղաւ։ Այսպիսի ասպնջականութեան մը իբր թերհաշիւ փոխարինութիւն ներելի կը համարին քանի մը սուտ վկայութիւններ որոնց մէջ նշանաւոր կրնան երեւիլ հետեւեալները. 1. «Իր չորրորդ նիստում (պատգամաւորական անգոյ Ընդհանուր Ժողովը) քննելով Հնչակեան Կուսակցութեան իննամեայ գոյութեան ժամանակամիջոցին ունեցած Մուտքի եւ Ելքի հաշուետօմարները, Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը գտաւ նրանց ճիշդ ու կանոնաւոր»։ Զարմանալի պիտի թուի որ Հնչակեանի նման Կուսակցութեան մը ինը տարուան բոլոր հաշիւները կարելի ըլլայ մէկ նիստի մէջ քննել եւ վաւերացնել։ Այս զարմանքը տեղի չունենար երբ ըսենք թէ Պ. եւ Տ. Նազարբէկեան երբեք հաշուետետր չունին. եւ ոչ իսկ նպարավաճառներու ելեւմուտքի քիչ շատ պարզ տետրակ մը բռնած են։ «Յայտարարում է նմանապէս, որ նոյն նիստում Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը հաստատեց նաեւ, որ Հնչակեան Կուսակցութեան իննամեայ գոյութեան միջոցին` Կուսակցութեանս, որպէս եւ Հնչակ, Ապտակ եւ Գաղափար պարբերական հրատարակութիւնների հիմնադիրներ ու վարիչներ Պ. Աւետիս Նազարբէկեանց եւ Տիկին Մարիամ Նազարբէկեանց նուիրել են Կուսակցութեանս 18,709 ֆրանկ, ինչպէս եւ ձեռնարկելով Հնչակը որպէս սեփական թերթ, նրա իննամեայ ծախքերն ալ հոգացել են իրանց միջոցներով»։ Թէ Կովկասի հայերը եւ թէ Նազարբէկեաններու քով գտնուած ընկերները գիտեն թէ Պ. Աւետիս Նազարբէկեան դժբաղդաբար չի գտնուիր այնպիսի արքայական առատաձեռնութեամբ հայ յեղափոխութիւնը օժտելու բարեբաստիկ վիճակին մէջ։ Ընդհակառակն Հնչակեան Կուսակցութիւնն է որ միշտ հոգացած է ու կը հոգայ թէ՛ Պարոն, եւ թէ՛ Տիկին
257
Նազարբէկեաններու ապրուստի, բնակութեան, հանգիստ կենցաղավարութեան բոլոր միջոցները։ Պ. Նազարբէկեաններու դէմ տրուած վճռագրէն եթէ չենք ուզեր հրատարակել քաղաքական խնդիրները բայց կարող ենք այդ զգուշաւորութիւնը չընել ինչ որ կը վերաբերի դրամական խնդիրներու։ Ահաւասիկ վճռագրին այդ կէտերը. «Նկատելով որ Սասունի եւ Մուշի համար... քաղաքէն ղրկուած 350 ոսկին եւ... քաղաքէն ղրկուած 200 ոսկին յատկացուած նպատակին չեն գործածուած, «Նկատելով որ Սասունի ապստամբութեան համար Ամերիկայի Մասնաճիւղերէն եկած գումարները եւ Սասունի տառապեալներուն համար Լօռէնսի Մասնաճիւղէն եկած 108 ոսկին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի միւս Մասնաճիւղերէն այս նպատակաւ եկած գումարները իրենց նպատակներուն չեն գործածած, «Նկատելով որ... քաղաքը զէնք ղրկելու համար իրենց ղրկուած 160 ոսկին չեն գործածած նպատակին, «Նկատելով որ Կիլիկիա ղրկուելու համար... քաղաքէն իրենց հասած 1,168 ոսկիէն միայն 650 ոսկին ղրկած են, ան ալ շատ ուշ եւ շատ ձախող կերպով։ Իսկ մինչ մէկ կողմէն Հնչակի միջոցաւ ուզած են հասկցնել թէ գրաւուած դրամին կրկնապատիկը ղրկած են, եւ թէ այդ միւս մասը իր տեղը հասած է. միւս կողմէն Ամերիկա քարոզել տուած են թէ Կիլիկիա 2,000 ոսկի ղրկած են որուն 800 ոսկին գրաւուած, իսկ 1,200 ոսկին ապահով տեղը հասած է, եւ որպէս թէ այդ ալ Ամերիկայի Մասնաճիւղերուն ղրկած գումարն է։ «Նկատելով որ Զէյթունի ապստամբութենէն առաջ, ապստամբութեան միջոցին եւ ապստամբութենէն վերջ իրենք ստացած են դրամական կարեւոր գումարներ զանազան կողմերէ, ինչպէս Պոլսէն, Ամերիկայէն եւ ուրիշ տեղերէ, ուղղակի Զէյթունցիներուն հասցնելու նպատակաւ սակայն իրենք այդ դրամներուն շատ աննշան մէկ մասը միայն ղրկած են Զէյթուն, գիտնալով հանդերձ տեղական անյետաձգելի պէտքերը եւ գործիչներու թախանձագին պահանջները։ Իրենց այս ընթացքով պատճառ եղան որ Զէյթունի համար այլ եւս հանգանակութիւն չշարունակուեցաւ, եւ զանազան կողմեր հաւաքուած դրամները անվստահութեան պատճառաւ Կեդրոն չղրկուեցան, որով Զէյթունցիները զրկուեցան իրենց արդար իրաւունքէն։ «Նկատելով որ Զէյթունի համար հանգանակուած դրամը, որ այնքան զոհաբերութեան արդիւնք է, չգործածելով իր նպատակին, իրենք, Պ. Աւետիս Նազարբէկեան եւ Տիկին Մարիամ Նազարբէկեան ստուեր ձգեցին Կուսակցութեան պատուոյն վրայ»։ Իսկ այս ամէնուն վրայ կրնանք աւելցնել որ նոյն իսկ Հնչակի չորս տարուան հրատարակութիւններէն կը տեսնուի թէ ինչքան գումար հասած է Նազարբէկեաններուն. այդ հրատարակուածներուն վրայ աւելցնելով չհրատարակուածները, կը գտնենք որ չորս տարուան մէջ առնուազն 10,000 ոսկի հասած է Նազարբէկեաններուն. թէ ինչ ըրած են այդ գումարը ոչ ոք գիտէ. ենթադրելով որ չորս տարուան մէջ ծախսած ըլլան իրենց անձնական պէտքերուն եւ Հնչակի հրատարակութեան համար 4,000 ոսկի. 1,000 ոսկի մըն ալ առ առաւելն ղրկած ըլլան Կիլիկիա կամ այլուր, տակաւին 5,000 ոսկիի հաշիւ մը կը մնայ բաց։
258
Ինչպէս կը տեսնուի Պ. եւ Տիկին Նազարբէկեանները հաշուետետր չբռնելու եւ օրինաւոր Ընդհանուր Ժողովին չներկայանալու շատ պատճառներ ունէին։ Եթէ Պ. եւ Տ. Նազարբէկեանները նոյն իսկ ո՛րեւէ օրինաւոր փաստ մը ունենային իբր Ընդհանուր Ժողով չճանչնալու Լոնտոն եկող պատգամաւորներու եւ ընկերներու գումարումը, եւ սակայն իրենց պատուոյն դէմ եղած այս ամենածանր ամբաստանաթիւնները քննելու համար ընկերական կամ նոյն իսկ օտարազգիներէ կազմուած պատուոյ ատեան մը պահանջելու պարտականութեան մէջ էին։ Այո՛ Պ. եւ Տ. Նազարբէկեանները պէտք մը կը զգան Կուսակցութեանս եւ հանրութեան առջեւ իրենք զիրենք պաշտպանելու. բայց իրենց ամենէն անձնուէրն իսկ կրնայ առանց դժուարութեան ընդունիլ թէ վեց տարիէ ի վեր Հնչակեան Կուսակցութեան գործերէ բոլորովին հեռու մնացող Պ. Մարիմեան մը, կամ մի ոեւէ Հմայեակ Խուշպուլեան չեն որ այդ վկայականը իրենց կրնան տալ։ Անոնք միայն կրնան խօսիլ որ այս վեց տարուան միջոցին մէջ գործեր են Փոքր Հայք, Սասուն եւ Կիլիկիա, եւ անոնք որ երկար ատեն Կեդրոնը մնացած ըլլալով` քաջ տեղեակ են ամէն գործի։ Ատոնք ամէնքը կը կազմէին օրինաւոր Ընդհանուր Ժողովը որուն կ’ատենապետէր պատգամաւոր Պ. Սըվազլեան, եւ ատենադպիրն էր պատգամաւոր Պ. Տամատեան։ Պ. եւ Տ. Նազարբէկեանները երբեք կարող չեն հաւտացնել Կուսակցութեան անդամներուն եւ հայ ազգին թէ Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ, Երկրին ամէն կողմերը իրենց արիւնը թափող, թշնամիին դէմ կուրծք տուող, ժողովրդին ցաւերուն ցաւակից, անոր տառապանքներուն տառապակից Հնչակեանները, որոնց փառքերը իրենք Նազարբէկեանները շարունակ դրուատած են Հնչակի միջոցաւ եւ մասնաւոր նամակներով, ատոնք ամէնքը նուազ սրտացաւ ըլլան, նուազ հայրենասէր ըլլան, նուազ յեղափոխական ըլլան քան թէ իրենք Նազարբէկեանները որ Ժընէվ, Աթէնք, Լոնտոն միայն կեցած, ընտանիք կազմած եւ հայ ազգին ու Կուսակցութեանը արիւնովը ապրած են։ 1896 Հոկտեմբեր 10ի Շաբաթ օրուան ԻԸ. նիստին մէջ, Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութեան հերձուածող հատուածը, վերջնականապէս կ’ընդունի եւ կը վաւերացնէ Կուսակցութեան բարեփոխուած Հիմնական Կանոնագիրը։ Յիշեալ վաւերագրին տակ, որուն մէկ բազմագրուած օրինակէն ունինք մեր մօտ, ստորագրած են` Լոնտոն գտնուող Հնչակեան պատգամաւորները, իրենց պաշտօնական հանգամանքներով։ Ստորեւ կու տանք այդ ցանկը ամբողջութեամբ։ - Կ. Պոլսոյ, Փոքր-Հայքի, Վասպուրականի եւ Նիկոմիդիոյ ներկայացուցիչներ` Անտոն Ռշտունի, Գուրգէն Բահլաւ, (Ալեքսան Արզուեան՞)։ - Կիլիկիոյ Ատանա նահանգի լիազօր ներկայացուցիչ` Աշոտ Շահրամեան։ - Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ ներկայացուցիչ` Ազատ Ոստանիկ, (Մելքոն ՄիրՍաքօեան1)։ - Լիազօր պատգամաւոր Սասունի եւ Տարօնի նահանգին, Ամերիկայի, Եգիպտոսի եւ Եւդոկիոյ Հնչակեան Մասնաճիւղերուն` Միհրան Տամատեան։ - Լիազօր պատգամաւոր Այնթապի, Քիլիսի եւ Հալէպի` Եռանդ Լուսինեան։
259
- Լիազօր պատգամաւոր Կիպրոսի` Միհրան Սըվազլեան։ - Լիազօր ներկայացուցիչ Կիլիկիոյ Հալէպի Նահանգին` Աղասի։ - Նախկին ներկայացուցիչ Հնչակեան Կեդրոնի, Տաճկահայաստանի եւ Կ. Պոլսի` Արթիւր Օհանջան։ - Հնչակեան գործիչ Խարբերդի եւ Ամերիկայի` Գարեգին Պ. Չիթճեան։ - Գործիչ Կիլիկիոյ եւ Հնչակեան հրամանատար Զէյթունի` Ապահ։ - Գործիչ Չոք Մարզպանի` Վարդան։ - Հնչակեան պատերազմիկ Զէյթունի` Մլեհ։ - Փոքր-Հայքի գործիչ, նախորդ Կեդրոնի գրական աշխատակից` Սուրէն Սուրէնեան, Արփիար Արփիարեան։ Ընդհանուր Ժողովը կը տեւէ մէկ ու կէս ամիս։ Նազարբէկեանները, կուսակցութեան դրամը, ինչքը, կնիքը, տպարանը, տունը, ամէն ինչ իրենց անուան կեդրոնացուցած ըլլալնուն, Ընդհանուր Ժողովը, հակառակ տեղի ունեցած աղմկալից դատավարութեան, չի կրնար անոնց ձեռքէն առնել` Հնչակեան Կուսակցութեան սեփականութիւնը եղող շարժուն թէ անշարժ կալուածները։ Հետեւաբար, հերձուածող Հնչակ կը հրատարակուի միայն երեք ամիս (Սեպտեմբեր-Դեկտեմբեր 1896)։ Ընդհանուր Ժողովը լրանալէն յետոյ, բոլոր պատգամաւորները եւ գործիչ ընկերները զանազան վայրեր կ’ուղեւորին։ Ապահ եւ Աղասի կ’անցնին Փարիզ։ Այս ցրւումին համար է որ Նազարբէկեան, ժողովուրդին մէջ տարաձայնել կու տայ թէ «իր հակառակորդները փախցուցած է Լոնտոնէն»։ 1896ը ո՛չ միայն հայ ազգին, այլեւ Հնչակեան Կուսակցութեան համար ալ կ’ըլլայ դժբաղդ թուական մը։ Կուսակցութիւն մը որ կազմուած էր սրբազան դատի մը հետապնդման համար, եւ իրագործած էր հերոսական դրուագներ, ցաւալի էր որ տարւոյն կէսէն վերջ կը կորսնցնէր ժողովրդային խաւերուն մէջ իր ստացած արտակարգ հմայքը ու կը ստանար երկրորդական կարեւորութիւն։ Տաճկահայ Հնչակեանները այնուհետեւ պիտի բաժնուէին Նազարբէկեաններէն ինչպէս որ Նազարբէկեան ամոլն ալ, ինքն իր մէջ անհամաձայնելով պիտի ամուսնալուծուէր քիչ յետոյ։ Ցաւալի պառակտումը երեւան պիտի գար ու Հնչակեան շրջանակներ երկու հատուածներու պիտի բաժուէին։ Լոնտոնի Հնչակեան այս հերձուածը եւ յետագային անոր հետեւանք եղող երկուստեք եղբայրասպանութեան տխուր դէպքերը, եկան ստուերածել` ընդհանրապէս հայ ազատագրական պայքարին եւ մասնաւորապէս Հնչակեան Կուսակցութեան տարեգրութեանց հերոսապատում էջերը։ ***
Գաղափար մը տալու համար Նազարբէկեան ռէժիմի մասին, ստորեւ կ’արտագրենք Ամերիկայի Հնչակեան գործիչ եւ պատուիրակ Պատուելի
260
Գարեգին Չիթճեանի սրամիտ ոտանաւոր գրութենէն հատուածներ, զոր տարաբաղդ կուսակցականը իբր տպաւորութիւն գրի առած է 1896ի Դեկտեմբերին, Լոնտոնէն Ամերիկա վերադարձին։ Երկու տարփածուք, աղուոր կը խաղան – Գործիչներ մղել բանտ ու կախաղան – Ատով Հնչակին ճարել նիւթ առատ Եւ մեծ գործի մէջ ցուցուիլ անընդհատ։
Ամէն բանի տեղ ղրկեցին Հնչակ Երբեմն ալ փքուն, խոստմնաբեր նամակ, Շատ վառօդ, շատ զէնք պիտ’ ղրկենք ըսին Սակայն խաբեցին, գրչով, խօսքով սին։ Զօր տուին բառի, խօսքի, ֆրազի Թաղուեցան ի մեջ ոսկի երազի, Ուժի, զէնքի տեղ, շռայլեցին յոյս Ըսին զէնքի դէմ կ’օգտէ խանդ եւ յոյզ։
Մէկ կողմէն տուին լոկ խօսք ու գրգիռ Միւս կողմէն կռուի հայդուկ յայտագիր, «Ապստամբութիւն տարածւում է լայն» Ըսին, ու ջարդի մատնեցին խեղճ հայն։ Հնչակեան զոհերն բանտերու խորէն, Լքուած, յուսաբեկ ահա դուրս կ’ելլեն, Ոմանք Զէյթունէն, նկուն, յաղթական Այլք ասկէ անկէ ի մի վայր կու գան։
Պատգամաւորաց ժողով գումարի, Ատեան կը բացուի հաշուի, համարի, Ատոր յօժար չեն Աւօն ու Մառին, Խեղճերը կը խրտչին եւ կը յամառին։
Հարկադրուեցան ատեանի գալու Իրենց գործերուն հաշիւը տալու, Ալ ո՛չ վարագոյր, ո՛չ ալ դիմակ կար Ծածկելու իրենց ընթացք ոճրագար։
261
Հարցաքննուեցան, քննադատուեցան Յանցաւոր ելան, վարկաբեկուեցան, Իբր խեռ, անսիրտ առաջնորդողներ Եւ առնուեցան իրենց աթոռներ։ Աւօն ու Մարօն թէեւ բարկացան, Խօսքով, ֆըրազով չի կարողացան Ետ առնել տալու ժողովին վըճիռ Որ կնքեց իրենց սեւ ճակատագիր։
Ապահ` Փարիզի մէջ 1896ի Նոյեմբեր 13ին, Ապահ եւ Աղասի իրենց առժամեայ բնակութիւնը կը հաստատեն` Փարիզի Rue de l’Abbé-de-l’Épée-ի թիւ 3 տան մէջ (Hôtel de Nevers), ուրկէ հետզհետէ ծանօթութիւն կը հաստատեն տեղւոյն փոքրաթիւ հայ գաղութի ականաւոր անձնաւորութեանց հետ, ինչպէս մեծանուն Նուպար Փաշայի, բարեգործ Ասպետ Ջունդի, նոյնպէս եւ հայասէր օտար դէմքերու որոնցմէ յիշենք` Բիէռ Քիյառ, Ժօրժ Քլէմանսօ, Վիքթոր Պէռար, Տիկին Սէվռին, Անաթօլ Ֆրանս, Հայր Շառմըթան, Ռօշֆօր, եւն։ Անոնք, այդ դէմքերու շնորհիւ առիթը կ’ունենան մօտէն ճանչնալու եւ տեսնելու մեծ ոստանին պատմական, գեղարուեստական եւ այլ կեդրոնները։ Ասպետ Ջունդի նման անձնաւորութեան մը հետ անոնք կ’այցելեն Փարիզի թանգարանները, թատրոնները, կը մտնեն քաղաքական շրջանակներու մէջ. իբրեւ Զէյթունի ապստամբութեան ղեկավարներ քանիցս կը հրաւիրուին օտար շրջանակներու կողմէ` ներկայ գտնուելու համար կազմակերպուած հայանպաստ միթինկներու, բանախօսութիւններու կամ դասախօսութիւններու (որոնցմէ ոմանք կազմակերպուած Հայրենասիրաց Միութեան կողմէ2), եւ իրենց շուրջ կը ստեղծեն մեծ հետաքրքրութիւն եւ համակրանք։ Իրենց իջեւանած բնակարանին մէջ կ’ընդունին փոխադարձ այցելութիւնները հայասէր մեծ դէմքերու, ինչպէս Բիէռ Քիյառ, եւն։ Անոնց հետ կը հաստատեն մտերմութիւն, ինչ որ կ’ունենայ իր բարերար ազդեցութիւնը օտար մտքերու վրայ եւ հայանպաստ բրօբականտի գործին։ Հազիւ Փարիզի մէջ հաստատուած, Ապահ կը հիւանդանայ բաւական ծանր կերպով։ Անձնուէր խնամքներու շնորհիւ քիչ ատենէն կը գտնէ իր առողջութիւնը։ Ապահի եւ Աղասիի ցուցմունքներով, փարիզաբնակ հայազգի ծանօթ նկարիչ Էտկար Շահին, իր զօրաւոր երեւակայութեան շնորհիւ, պաստառին վրայ կը նկարէ Զէյթունի համայնապատկերը, գեղարուեստական ընտիր երկ մը արտադրելով։ Այդ նկարը մեծ յաջողութիւն կը գտնէ Champs-Élysées-ի salon-ին մէջ։ Figaro փարիզեան մեծ հանդէսը մեծ գովասանքներով կ’արտայայտուի այդ մասին։
262
Ծանօթացում Նուպար Փաշայի հետ Փարիզի Պուասիէռ փողոցին վրայ, եգիպտահայ մեծանուն պետական անձնաւորութիւնը` Նուպար Փաշա Նուպարեան գնած էր տուն մը, ուր ան կ’անցընէր իր կեանքի վերջին օրերը։
Հո՛ն կ’ընդունէր, - կ’ըսէ Արշակ Չօպանեան, - Հայաստանէն եւ Եգիպտոսէն եկող բոլոր մարդիկը։ Իր տունը, զոր «հա՛յ տուն» կոչելու մէջ հաճոյք կը զգար, վայրկեան մը իրօք հայկական կեդրոնավայր մը դարձաւ։ Ամէն անկիւնէ եկած հայեր հոն իրարու կը հանդիպէին։ Փարիզէն անցնող ամէն հայ որ տիտղոս մը կամ նշանակութիւն մը ունենար, կ’երթար տեսնել Նուպարը որ մեր «մեծ ծերունի»ն եղած էր։ Աշխարհի ամէն խորշերէն Նուպարին վրայ կը տեղային խնդրանքներ, խորհուրդ հարցնող դիմումներ, յարգանքի արտայայտութիւններ։ Տեսակ մը աշխարհական կաթողիկոս դարձած էր։ Եւ այդ դերը ան կատարեց վեհութեամբ, պարզութեամբ, եւ մեծ քաղցրութեամբ։ Իր ազգակիցներէն անոնք որոնք առաջին անգամ իրեն այցելելու պատիւը պիտի ունենային, կ’ենթադրէին իրենց դէմը գտնել օտար եւ անմատչելի էակ մը, բարձրայօն, արհամարհոտ, ինքնագոհ անձ մը, տեսակ մը արեւելեան փաշա։ Մեծ կ’ըլլար սակայն իրենց զարմանքը, երբ անոնք կը հիւրասիրուէին` քաղցրաբարոյ ծերունիի մը կողմէ, օժտուած հայրական խանդաղատանքով, նահապետական բարութեամբ, ու ամէնէն եւրոպական, ամէնէն նուրբ ու շնորհալի քաղաքավարութեամբ։ *** Ինչո՞ւ սակայն այս մեծանուն հայը, այս «արդարութեան Արեւելքի ախոյեան»ը, կամ ուրիշ յորջորջումով այս «Ֆէլլահի հայր»ը, որոշ կերպով չէր Ճանչցուած, իր բարձր կարողութիւնները անկեղծօրէն չէին գնահատուած իր իսկ ազգակիցներուն կողմէ, որոնց մէջ իբր գանգատ սա սխալ կարծիքը գոյացած էր թէ «հայոց համար ոչինչ ըրած էր»։ «Ես, կ’ըսէր, կեանքս նուիրեցի Եգիպտոսի, որովհետեւ բաղդը իմ առջիս այդ գործը հանեց, հրապուրուեցայ անկից, եւ կապուեցայ։ Բայց օտար երկրի մէջ այդ գործունէութիւնս երբեք ինծի չմոռցուց որ հայ մըն եմ. երկու երեք բան ըրած եմ ցեղիս համար, բայց կը կարծեմ թէ ատոնք ամենէն կարեւոր բաներն են որ կրնայի ընել. Հասգիւղի Շահնազարեան վարժարանին հաստատմանը օգնեցի նիւթապէս. Վ. Լանկլուային 25000 ֆրանք տուի որպէս զի հայոց պատմութիւնը ֆրանսերէնի թարգմանէ եւ Ֆրանսայի ճանչցնէ հայոց անցեալը. եւ Պերլինի Վեհաժողովին ատեն, ծրագիր մը պատրաստեցի հայկական գաւառներուն համար եւ առաջարկեցի որ ներկայացնեմ զայն Վեհաժողովին»։ Այս երեք գործը ամբողջ ուղեգիծ մըն էին իրօք, զարգացնել հայոց միտքը, ճանչցնել հայ ազգը Եւրոպային, ու եւրոպական քաղաքականութեան նպաստաւոր մէկ րոպէին` հայկական գաւառներուն մէջ հաստատել եւրոպական վարչութիւն մը` հիմնուած օրէնքի եւ արդարութեան վրայ։ Ի՞նչ էր Նուպարի ծրագիրը։ Անգլիական մեծ հանդէսը` Նայնթինթհ սէնդիուրի հրատարակեց զայն` 1878 Սեպտեմբերի թիւին մէջ։ Հազիւ երկու էջէ կը բաղկանար ան. ո՛չ մեծ խօսքեր կան հոն, ո՛չ լայն առաջադրութիւններ, ո՛չ իսկ ինքնօրինութեան ակնարկութիւն։ Պարզ, հակիրճ ու չոր է։ Երկու խօսքով կրնանք զայն համառօտել։ Նուպարի ուզածն էր
263
հայկական նահանգներուն համար քրիստոնեայ ընդհանուր կառավարիչ մը` մեծ պետութեանց հաւանութեամբը անուանուած, մէկ քանի եւրոպացի դատաւոր եւ տեղական ոստիկանութիւն մէկ քանի եւրոպացի սպաներով։ Այսչափ։ Միայն թէ այդ ընդհանուր կառավարիչը, ինչպէս լռելեայն կ’իմացուէր, Նուպար Փաշան պիտի ըլլար, ու ասիկա կը բաւէր։ Նուպար ղրկած էր իր յիշեալ ծրագիրը Ներսէս Պտրք. Վարժապետեանին, եւ ինչպէս ըսինք, խնդրած էր որ իրեն պաշտօն տրուէր երթալ Պերլին եւ անձամբ ներկայացնել իր ծրագիրը ազգին կողմէ։ Վարժապետեան մերժած էր։ Թուրք կառավարութիւնը չէր ուզեր բնականաբար որ Նուպար մը անցնէր Հայաստանի գլուխը...։ Ինքզինքը հայկական գործունէութեան մը նուիրելու փորձը չյաջողելով, Նուպար կը վերադառնայ Եգիպտոս, կարճ ատենուայ մը համար։ Երբ Սասունի ջարդերուն լուրը կը հասնի արտասահման, Նուպար ինքնաբերաբար 15,000 ֆրնք. կը տրամադրէ Վենետիկի Միաբանութեան, որպէսզի ֆրանսերէն գիրք մը հրատարակուի` հայոց անցեալն ու ներկան Եւրոպային ծանօթացնող։ Այդ գիրքը կ’ըլլայ` Ալիշանի մեծահատոր Սիսուանի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, որ լոյս կը տեսնէ Նուպար Փաշայի մահէն անմիջապէս վերջ, 1900ին։ *** 1895ին, Նուպար, գործէ վերջնականապէս քաշուած, կու գայ հաստատուիլ Փարիզ, եւ այդ թուականէն մինչեւ իր մահը (13 Յունուար 1899), հակառակ այն դառնութեան զոր ազգը իրեն պատճառած էր, իր միտքն ու սիրտը ամբողջապէս հայ ժողովուրդին կացութեան բարւոքմանը կը նուիրէ։ Ծերացած, մէկ սրունքը ձիէ անկումէ մը հաշմուած եւ մտքով ալ խոնջ, հայկական խնդրոյն այդ հրատապ օրերուն, չի կրնար անձնական դեր մը խաղալ իբր դիւանագէտ։ Բայց իր հանրածանօթ եւ յարգուած անձի կշիռը կը բերէ այդ հարցին կողմը. հրապարակաւ կը յայտնէ, կը կրկնէ ու կը պնդէ թէ իր չարչարուած ազգակիցներուն հետ էր սրտով. ամէն հայասիրական ցոյցի իր քաջալերութիւնը կը բերէ, եւ այդպէս կ’ունենայ իր կարեւոր բաժինը` Եւրոպայի մէջ ի նպաստ հայոց հանրային կարծիքը արթնցնելու գործին մէջ։ Նոյն ատեն, աւելի անմիջական եւ աւելի ընդարձակ ծառայութիւն մը կը մատուցանէ իր ազգին, հազարաւոր խեղճեր անօթութենէ փրկելով։ Կարելի չէ հաշուել այն բոլոր օգնութիւնը զոր իրմէ գտան` դէպքերէն վնասուած անհամար հայեր. Եգիպտոսի գաղթականները մեծ մասամբ իր շնորհիւ կրցան ապրիլ ամիսներով. Փարիզի ապաստանարանը իր նուէրներով կանգուն մնաց. անգլիական եւ զուիցերիական նպաստամատոյց ընկերութեանց ղրկեց մեծաքանակ գումարներ։ Հիանալին, այդ անսպառ առատաձեռնութիւնը չէր այնչափ, որչափ եղանակը որով կը զգար եւ կը կատարէր զայն։ Հանդարտ, պարզ, անխօսուկ, Նուպար իր օգնութիւնները կը սահեցնէր մութին մէջ, դէպի նպատակը, առանց հաշուելու, առանց շնորհակալութեան կամ աղմկալից գովասանքի սպասելու, պարտք մը կատարելու ներքին գոհունակութեամբ, արեւելեան սիրուն շարժուձեւով մը, իր ձեռքը կուրծքին կը դնէր, երբ իր բարեգործութեան ակնարկութիւն ընող ըլլար, «պարտքս է» ըսել ուզելով։ Բացի նուիրատուութիւններէն` փախստականներուն եւ որբերուն համար, Նուպար յանձն կ’առնէր միանգամայն այն ծախքերը որոնց շնորհիւ Փարիզի մէջ կատարուեցան հայոց մասին մէկ քանի հրապարակախօսութիւններ եւ հրատարակուեցան մէկ քանի գրքեր։ Ան կ’օգնէր նաեւ բազմաթիւ ուսանողներու, որոնք 1896ի դէպքերուն հետեւանքով ապրուստի ամէն միջոց
264
կորսնցուցած էին3։ Այդ միջոցին էր որ, Զէյթունի Հնչակեան գործիչներէն, մասնաւորաբար Ապահ եւ Աղասի, Լոնտոնի Հնչակեան հերձուածէն յետոյ, կ’անցնին Փարիզ, ուր իրենցմէ առաջ հոն կը գտնուէր Արշակ Չօպանեան։ Այս վերջինը, ֆրանսական հանդէսներու մէջ հրատարակած էր մէկ քանի յօդուածներ հայոց կացութեան, Զէյթունի ապստամբութեան, հայ գրականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ Les Massacres d’Arménie եւ L’Arménie, son histoire, sa littérature, son rôle en Orient անուն գրքերը, առաջինը Քլէմանսոյի իսկ երկրորդը Անաթօլ Ֆրանսի յառաջաբաններով, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած էին փարիզեան մամուլին մէջ։ Նուպար Փաշա այդ հրատարակութիւններէն հետաքրքրուած, ուզած էր տեսնել Չօպանեանը։ Եւ այդ առաջին տեսութեամբն իսկ ստեղծուած էր ցմահ մտերմութիւն մը «մեծ նահապետ»ին հետ։ Ապահ եւ Աղասի, իրենց Փարիզ բնակութեան միջոցին, Չօպանեանի միջոցաւ կը ծանօթանան մեծ հայուն հետ, ու կ’արժանանան անոր բարձր համակրանքին ու ասպնջականութեան։
Իր նիւթական բարեգործութիւններուն չափ, - կը շարունակէ Չօպանեան, - թերեւս աւելի կարեւոր բարիք մը զոր Նուպար իր շուրջը սփռած ըլլայ, իր պայծառ ու հանդարտ մտածումն էր, իր յորդորը դրական գործունէութեան մը, իր զայրոյթը յախուոն ու անխիղճ խլրտումին դէմ, ահա՛ այն ամբողջ իմաստուն ու փորձառու դասը զոր կու տայ` իր բարձր համակրութեան ու պաշտպանութեան արժանացած այդ մի քանի հայ երիտասարդներուն, իր բարեկամական խօսակցութեանց մէջ։ Իր ազդեցութիւնը վճռական կ’ըլլայ այն ձգտումին մէջ զոր կ’ունենան անոնք` մեր ազգային գործունէութիւնը քննութենէ անցընելու, մեր հանրային ձեռնարկներուն մէջ գիտակից ուղղութիւն մը մտցնելու։ Իրմէ է որ կը բղխին մտածելու եղանակ մը, որ առողջ ուղղութեան մը ծնունդ կու տայ ի վերջոյ։ Եւ այդ ամէնէն կարեւոր ծառայութիւններէն մէկն է զոր Նուպար մատուցած ըլլայ իր ազգին։ Մեծ յուզումներու, մեծ խանդավառութիւններու կարողութիւնը ունեցած է ան։ Հայ նահատակներուն յիշատակին Հ. Շառմըթանի ձեռքով Փարիզի Սէնթ-Քլոթիլտ եկեղեցւոյն մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր պատարագին օրը, զինքը տեսայ ինքնիրմէ ելած, իր մեծ աղուոր բարի աչուըները արցունքով լեցուն, ու այդ հսկայ ծերունին գնաց ֆրանսացի կրօնաւորին ձեռքը համբուրեց, իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար։ Ու մինչդեռ հայերէ շատեր եւ ոչ իսկ կը հետաքրքրուին այսօր գիտնալ թէ ի՛նչ քաջութիւններ գործուեցան Զէյթունի վերջին վեցամսեայ պայքարին մէջ, Նուպար հպարտ հաճոյք մը կը զգար քսան անգամ պատմել տալով Ապահին ու Աղասիին, որ ականատես եւ գործակից եղած էին, այդ լեռնական դիւցազներգութեան բոլոր մանրամասնութիւնները. «երիտասարդութիւնս վրաս կու գայ, կ’ըսէր, երբոր Ապահը Զէյթունի երգերը կ’երգէ ինծի»։ Եւ ինքն է որ կամք յայտնեց որ Աղասիի ծանօթագրութեանց վրայէն ֆրանսերէն շարադրեմ Զէյթունի պատմութիւնը, որ հրատարակուեցաւ իր ծախքովը4։
265
[Նուպար Փաշա] իր հովանիովը համապարփակեց, - իր կողմէ կ’աւելցնէ Արփիար Արփիարեան, - այդ երիտասարդները որոնց վրայ կը յառէին խանդաղատանքով իր բարի եւ գորովալիր աչքերը։ Անոնց մեծ հայրն էր, ու ճամբան ցոյց կու տար, որմէ պէտք էր ընթանային։ Նաբոլէոնի փառքերը երգող ֆրանսացի մեծ բանաստեղծին [Վիգթոր Հիւկօ] տաղերուն էն սրտայոյզներէն է թոռներուն աղաչանքը իրենց մեծ հօրը. - Պապիկ, անոր քաջութիւնները պատմէ մեզի։ Շրջենք դերերը, եւ մեծ հայրն է որ կ’ըսէ իր թոռներուն, Զէյթունէն եկողներուն. - Զաւակներս, անոր քաջութիւնները պատմեցէք ինծի։ Ու Ապահի վագրի աչքերուն մէջ ցոլացած կը տեսնէր պատկերը հայ քաջորդիին, եւ Աղասիի ձայնին մէջ կը լսէր մեր լեռները գոռացնող յաղթական շեփորին արձագանգը։ Ու այդ րոպէներուն սիրտը կը տրոփէր, աչքերը փայլակնացայտ կը վառէին, հայ արիւնը կ’եռար կը զեռար իր երակներուն մէջ. պատերազմի նժոյգն էր որ կռուի փողին ի լուր իր զափը կը հատանէ, պիտի սուրայ, պիտի սլանայ, բայց ծերութիւնը ոտքերը կը բռնէ...։ Եթէ տասնեակ տարիներ առաջ հանդիպէր` իր շուրջը հաւաքուած այդ խանդավառ հայ երիտասարդութեան, թերեւս ուշ մնացած պիտի չըլլար...։ Այդ յուզումներէն յոգնած, պարտասեալ կը հանգստանար տաղանդաւոր երիտասարդներու հետ խօսակցութեան մէջ։ Այդ հոյակապ անձնաւորութիւնը որուն անունը պատկառանքով կը յիշատակէր ամբողջ Եւրոպան, ինքն ալ յարգանքի փաղաքշանքով կը սիրէր, կը պատուէր հայ տաղանդը։ Գրական տաղանդի համար Նուպար փաշայի ցոյց տուած մեծարանքը անոր մեծութեանը ուրիշ մէկ ապացոյցն էր5։ Աղասիի Զէյթունը 1897ի Յունուարին, նախ քան Զէյթունի հրատարակուիլը, Աղասի գրի կ’առնէ ականատեսի իր վկայութիւնները` լատին կրօնաւոր Հ. Սալվաթօրի սպանութեան մասին, որ տեղի ունեցած էր 1895 Նոյեմբեր 22ին, Մարաշի մօտերը։ Այս գրքոյկի հայերէն բնագիրը, Նուպար Փաշայի առաջարկով եւ Արշակ Չօպանեանի ֆրանսերէն գեղեցիկ թարգմանութեամբ լոյս կը տեսնէ Mercure de Franceի հրատարակչական ընկերութեան տպարանէն։ Նոյն տարւոյ Յունիսին, դարձեալ Չօպանեանի թարգմանութեամբ ու Վիքթոր Պէռարի յառաջաբանով միեւնոյն տպարանէն լոյս կը տեսնէ Աղասիի պատկերազարդ Զէյթունը` երկու անջատ մասերով։ Ա. մասին մէջ հայ արծուեբոյնը մանրամասնօրէն ներկայացուած է իր ծագումէն մինչեւ 1895ի ապստամբութիւնը։ Գիրքին Բ. մասը ամբողջապէս յատկացուած է մեծ ապստամբութեան, որ ինքնին Աղասիի օրագրութիւնն է6, վաւերական ու շահեկան արձանագրութիւններով։ Աղասիի վերոյիշեալ երկու գրքերն ալ հրատարակուած են Նուպար Փաշայի ծախքով, որոնց համար իր կողմէն տրամադրած է 2,000 ֆրանք։ Այդ գրքերէն ուղարկուած են ֆրանսացի ու անգլիացի բազմաթիւ անձնաւորութեանց, ծերակուտականներու, երեսփոխաններու, ակադեմականներու, խմբագիրներու,
266
եւն։ Մէկ խօսքով անոնք ցրուուած են իբրեւ բրօբականտի հրատարակութիւններ, եւ այսօր կը ներկայացնեն` Զէյթունի դէպքերուն մասին գրուած արժէքաւոր փաստաթուղթեր։
Եգիպտոս ուղեւորում 1897ի սկիզբը, Փարիզի մէջ կը կազմուի «Հայ Յեղափոխական Կեդրոնական Կոմիտէ» մը, իրեն թաքուն նպատակ ունենալով` Կիլիկիոյ մէջ աւելի մեծ ծաւալի մը վրայ երկրորդ ապստամբութիւն մը կազմակերպել։ Այս փոքր խմբակը որ կը կազմուէր փարիզաբնակ քանի մը մտաւորական եւ յեղափոխական գործիչներու ջանքերով, իր շուրջ պիտի համախմբէր կարգ մը ունեւոր հայեր ալ, որոնց շնորհիւ գաղութներու մէջ պիտի կատարուէին գաղտնի հանգանակութիւններ, ու տեսնուէին լուրջ կանխապատրաստութիւններ` առաջադրուած ծրագիրը գլուխ հանելու համար։ Ասիկա երկրորդ փորձ մըն էր, թէեւ անջատ Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութենէն եւ նոյնիսկ Հ.Յ.Դաշնակցութենէն։ Այսուհանդերձ յետագային ան պիտի ըլլար որդեգրուած գլխաւոր նպատակներէն մին Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան։ Նոր վերջ գտած Զէյթունի ապստամբութիւնը, որ լիուլի չէր յաջողած իր նպատակին մէջ, Հնչակեան հերձուածէն յետոյ, կ’ուզուէր` ժողովուրդին վստահութիւն ներշնչող ոչ-կուսակցական անձնաւորութեանց մօտ կեդրոնացնել գոյացուելիք ֆոնտը, եւ Կիլիկիոյ ռազմական դիրքերուն ծանօթ ու վերջին ապստամբութեան միջոցին երկրին մէջ կռուող կուսակցական գործիչներ ուղարկել տեղւոյն վրայ ժողովուրդը զինելու։ Այդ օրերուն էր որ տեղի կ’ունենար յունա-թրքական պատերազմը. պայթած էր արդէն կրէտական ապստամբութիւնը, եւ առիթներ չէին պակսեր` թրքական կառավարութեան արտաքին հարցերով զբաղուած միջոցին, ներքին խռովութիւններ յարուցանել` կիլիկեան նոր շարժումով մը։ Այդ նպատակով, անկախարար Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութենէն, Ապահ, նոյն տարւոյ Մարտ 20ին, վերոյիշեալ Կոմիտէի հրահանգով կը մեկնի Փարիզէն, ուղեւորելու համար Եգիպտոս, տեղւոյն ունեւոր ազգայիններու մօտ դիմումներ կատարելու, եւ ի պահանջել հարկին Կիլիկիա մտնելու։ Աղեքսանդրիոյ մէջ, այդ օրերուն ամէնէն վստահելի եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւններն էին` Հայկ Էքիզլէր (զմիւռնիացի վաճառական եւ փոխ-ատենապետ տեղւոյն Թաղական Խորհրդոյ) եւ Յովհաննէս Մութաֆեանց (ներկայացուցիչ Մանթաշէֆի տան ու ատենադպիր նոյն ժողովոյ)։ Ապահ, բաւական ընդարձակ տեսակցութիւններ կ’ունենայ այս երկուքին հետ, ու կը պարզէ իրերու կացութիւնը ու Փարիզի Յանձնաժողովին կազմութիւնը։ Վերին աստիճանի գոհ կը մնան անոնք այդ տեղեկութիւնները առնելով։ Վերոյիշեալ երկու ազգայինները թէեւ նիւթական մեծ կարողութիւն չէին ներկայացներ, սակայն կարող էին ազդեցութիւն բանեցնել իրենց ունեւոր բարեկամներուն վրայ, անոնցմէ յիշենք
267
Մաթոսեանները, Չրաքեան Եուսուֆ պէյը, Րէիզեաններն ու Մելգոնեան եղբայրները եւն։ Գահիրէի մէջ Ապահ սիրալիր ընդունելութիւն մը կը գտնէ մեծն Նուպարի վսեմաշուք որդւոյն` Պօղոս Փաշայի մօտ։ Ջերմապէս յանձնարարուած ըլլալով մեծ նահապետէն, կը ծանօթանայ եւ առանձինն երկար տեսակցութիւններ կ’ունենայ անոր հետ։ Պօղոս Փաշա, իր նախաձեռնութեամբ Գահիրէի մէջ օժանդակ մարմին մը հաստատելու գաղափարին հանդէպ վերապահ դիրք մը կը բռնէ, նկատելով իր պաշտօնական փափուկ դրութիւնը եւ տեղւոյն ամէն կարգի հարուստներու վրայ իր ունեցած անվստահութիւնը։ Այսուհանդերձ կը խոստանայ իր Փարիզ ժամանելուն եւ իր հօրը հետ խորհրդակցելէ յետոյ եւ նոյնին հաւանութեամբ կարեւոր գումար մը վճարել թէ ի՛ր եւ թէ իր քրոջ ամուսինին` Տիգրան Փաշա Տ’Ապրոյի կողմէ։ Գահիէաբնակ ուրիշ հարուստ ազգային մը` Արիստակէս էֆ. Ազարեան, որ 90ական թուականներուն Պոլսոյ մէջ մեծ օգտակարութիւն ունեցած է Հնչակեան Կուսակցութեան, հակառակ իր մեծ բաղձանքին, Թուրքիոյ մէջ շահեր ունենալով ու լրտեսուելու երկիւղով մեկուսացեալ կեանք մը անցընելուն, չի համարձակիր առանձինն տեսնուիլ Ապահի հետ, այսուհանդերձ, ուրիշ Հնչակեանի մը Սուինի (Սարգիս Սիւնկիւճեան) (նուազ վտանգաւոր քան Ապահը...) միջոցաւ տրամադրութիւն կը յայտնէ, Փարիզ վերադարձին, նպաստ հասցնելու Հաճնոյ հայութեան։ Յիշեալը սակայն քանի մը ամիս վերջ, նոյն տարւոյ Յուլիսին, իր դէպի Եւրոպա ուղեւորութեան միջոցին յանկարծամահ կ’ըլլայ։ Այդ օրերուն, Լոնտոնի մէջ կը սկսի հրատարակուիլ` Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ Մարտը, որուն առաջին քանի մը թիւերը Եգիպտոս հասնելով, մեծ տպաւորութիւն կը թողուն ամէն խաւերու մէջ. թերթին ուղղութիւնը, յօդուածներու լուրջ եւ ընտիր պարունակութիւնը կու գան բառ առ բառ հաստատել բարձրագոյն շրջանակներու մէջ` Ապահի խօսքերն ու հաղորդած տեղեկութիւնները, ժողովուրդը լուսաբանելով` ազգային կենսական շահերու մասին։ Ամբողջ հինգ շաբաթներ Ապահ կը մնայ Գահիրէի մէջ, ուր քանի մը օր հիւրասիրուելէ վերջ իր եղբայրներուն մօտ, կ’իջեւանի Pension Suisse` Պազար Մուրուրի թաղին մէջ։ Հո՛ն, ունեւոր դասակարգի ազգայիններէ զատ, յաճախակի տեսակցութիւններ կ’ունենայ իրեն գաղափարակից ընկերներու հետ, ինչպէս Սուին (Սարգիս Սիւնկիւճեան), Նշան Մալումեան, ճարտարագէտ Գէորգ Ասատուր, փաստաբան Յակոբ Ասատուրեան (Արծրունի) եւն։ Աղեքսանդրիոյ մէջ կ’անցընէ երկու շաբաթ, յաճախ հիւրասիրուելով Լեւոն պէյ Յակոբեանի (որ այդ օրերուն 200 ոսկի կը նուիրէ Աղեքսանդրիա ապաստանած թրքահայ գաղթականներուն համար), Լեւոն Մկրտիչեանի, Պերճ Օհանեանի եւ այլոց կողմէ։
268
Ապահ միջոց մը կ’որոշէ Աղեքսանդրիայէն Կրէտէ անցնիլ, ուր արդէն ապստամբական շարժում մը ծայր տուած էր, եւ ինք կը յուսար ապահովել յունական աջակցութիւն մը Կիլիկիոյ համար։ Ի վերջոյ յարմար կը տեսնէ նախ մեկնիլ Կիպրոս, վստահելով Փարիզի Յանձնաժողովէն գալիք նիւթական աջակցութեան, եւ խաղաղասիրական քօղի տակ, լռիկ մնջիկ լուրջ նախապատրաստութեան ձեռնարկելու համար։ Իր գործը պիտի ըլլար ռամկացնել ժողովուրդին մէջ այն ողջամիտ եւ իմաստուն խորհուրդներն ու գաղափարները, զորս Նուպար Փաշա հայրաբար պարզած էր իրեն։ Ինք ուրեմն, փոխան յուզումի` խաղաղութիւն պիտի ապահովէր ու փոխան անտեղի աղմուկներու` թաքուն ու լուրջ պատրաստութիւն։ Թէեւ մինչեւ այն օրը, պաշտօնական թէ՛ անհատական նամակներով եւ թէ՛ Հնչակեան Կուսակցութեան Մարտ պաշտօնաթերթով քարոզուած էր իմաստութիւն եւ խոհեմութիւն, բայց կենդանի խօսքը աւելի հզօր ազդեցութիւն ունենալով ժողովուրդին վրայ, այդ պատճառով, Ապահ, Ուրբաթ, 14 Մայիսին կը մեկնի Կիպրոս, միանգամայն տեղւոյն վրայ եւս ուսումնասիրելու համար ժողովուրդին պարզած կացութիւնը։
Ապահի վերերեւումը Կիպրոսի մէջ Փոթորկալից նաւագնացութենէ մը յետոյ, 1897 Մայիս 16ին Ապահ կը ժամանէ Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքը։ Ճիշդ երկու տարի առաջ էր (1895) որ Զէյթունի ապստամբութեան նախօրեակին, Ապահ Աթէնքէն կը վերադառնար Կիպրոս, մեծ փոթորիկը պայթեցնելու համար Տաւրոսեան սարալանջներուն վրայ...։ Կիպրո՜ս...։ Հին հայկական կղզին, այսքան մօտիկը հին հայկական Կիլիկիային, հայ ազատատենչութեան եւ Ռուբինեան իշխանութեան այդ վերջին հանգրուանին, որուն համար կը յօրինուէին ապագայի յոյսերն ու երազները...։ Ապահի այս երրորդ վերերեւումը Կիպրոսի մէջ կ’ողջունուի մեծ խանդավառութեամբ։ Ան կը սկսի իր քննութիւններուն. իր խօսքերուն մոգական ազդեցութեան տակ, տեղւոյն վրայ կը կազմակերպէ կուսակցական շարքերը, որ պահ մը, Լոնտոնի հերձուածին հետեւանքով կազմալուծուած էին։ Յարաբերութեան կը մտնէ կիլիկեան ցամաքամասին վրայ գտնուող` Մերսինի, Իսկէնտէրունի, Անտիոքի կուսակցական ընկերներուն հետ, եւ երկրէն ստացած իր տեղեկութիւնները կը հաղորդէ Հնչակեան նորակազմ Կեդրոնին։ Կիպրոսի մէջ ան կը հանդիպի եւ տեսակցութիւններ կ’ունենայ 1896ի ջարդերէն խոյս տուած շատ մը ծանօթ դէմքերու, ինչպէս Միհրան Սըվազլըի, Վարդան Աղաճանեանի (Իսրայէլ), Ղեւոնդ Շահմիրի, Եռանդ Լուսինեանի (Սողոմոն Պասթաճեան), Յակոբ եւ Յովակիմ Յովսէփեան եղբայրներու, Վահան Քիւրքճեանի, Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Տ. Նահապետեանի, Մխօ-Շահէնի, Ֆարհատի (Թորոս Սահակեան), Յակոբ Եսայեանի, Տիկին Յուլիանէ Կիւլէզեանի եւ այլոց։ Ապահ շրջագայելով հանդերձ Կիպրոսի զանազան վայրերը, իր բնակութիւնը կը հաստատէ գլխաւորաբար Ֆամակուսթայի մէջ, ուր
269
կը գործածէ նաեւ Սեպուհ Պահլաւ ծածկանունը։ Յունիս 27ի Կիրակի օրը, իր ջանքերով, Նիկոսիա, Տիկին Արմենուհի Կիւվէզեանի (Յուլիանէ Կիւզէլեան) բնակարանին մէջ կը գումարուի Կիպրոսի Հնչակեան Կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովը, եւ նորընտիր նահանգային վարչութեան կազմին մէջ կը մտնեն` Եռանդ Լուսինեան (ատենապետ), Տիկին Արմենուհի Կիւվէզեան (գանձապետուհի), Երեմիա Եսայեան (կնքապահ) եւ Յակոբ Յովսէփեան (խորհրդական)։ Բնական էր որ տեսնուած այս բոլոր կանխապատրաստութիւնները աննշմար պիտի չանցնէին ո՛չ ժողովուրդին եւ ո՛չ ալ թրքական կառավարութեան ուշադրութենէն։ Այդ օրերուն, Գահիրէէն Փարիզ գրուած նամակներէ կը տեղեկացուէր թէ «Ապահ Կիլիկիա մտած էր` ժողովուրդը կրկին ապստամբեցնելու, եւ թէ Փարիզի մէջ ալ Նուպար Փաշայի նախագահութեան տակ գաղտնի զօրաւոր ընկերութիւն մը կազմուած էր որ պիտի օգնէր այդ գործին»։ Յայտնի էր թէ Կիլիկիա մտած ըլլալու լուրը շինծու էր, եւ թէ այդ տեղեկութիւնները արդիւնք էին Եգիպտոսի Հնչակեան Մասնաճիւղին կողմէ յարուցուած անտեղի եւ անխորհուրդ պոռոտախօսութեան մը։ Այս եւ ասոր նման շրջան ընող զրոյցներ մեծապէս կը դժուարացնեն Ապահի վստահուած դերը, մանաւանդ որ յունա-թրքական պատերազմին ելքը ի նպաստ Թուրքիոյ վճռուելով, վեր ի վայր կը շրջեն կիլիկեան ծրագիրը։ Հարկ էր հերքել բոլոր զրպարտութիւնները կամ շինծու լուրերը ու երեւոյթները փրկելու համար քաղաքական տարբեր ուղղութիւն մը բռնել։ Փարիզէն ստացած նոր հրահանգներուն համաձայն, հրահանգներ որոնք թելադրուած էին Նուպար Փաշայի կողմէ եւ Ապահի հաղորդուած` Աղասիի եւ Չօպանեանի միջոցաւ, կիլիկեան ծրագիրը մէկ կողմ կը թողուի, մանաւանդ որ կարգ մը հայ հարուստներու կողմէ եղած դրամական խոստումներն ալ առ ի զգուշութիւն ետ կ’առնուին։ Այդ խոհեմ քաղաքականութեամբն է որ Փարիզի մէջ, դարձեալ Նուպար Փաշայի եւ իր բարեկամներուն թափած ջանքերուն շնորհիւ առաջքը կ’առնուի Հաճընի եւ Տէօրթ Եօլի վերահաս ջարդերուն։ Ապահի Կիպրոս մնալու պարագան աւելորդ կը նկատուի այլեւս, մանաւանդ որ վերջերը կը սկսի տառապիլ Կիպրոսի յատուկ ջերմախտէն եւ աչքի հիւանդութենէ։ Ան փորձ մը ըրեր էր նոյնիսկ հողային առեւտուրով զբաղելու։ 1897 Հոկտեմբերին, Հնչակեան նորակազմ Կեդրոնական Վարչութիւնը Լոնտոնէն կը փոխադրուի Աղեքսանդրիա, Արփիարեանի եւ Տամատեանի հոն ժամանումովը։ Կիպրոսի մէջ հինգ ամիս մնալէ վերջ ուրեմն, Ապահ, 14 Հոկտեմբերի Հինգշաբթի օրը, Աղեքսանդրիոյ Հնչակեան Կեդրոնէն ստացուած անմիջական հրահանգին համաձայն, կը մեկնի Լառնագայէն Աղեքսանդրիա, ուր իրեն ճակատագրուած էր այլեւս հաստատուելու փարաւոններու այդ երկրին մէջ։ Գահիրէ հաստատուիլը Ուրբաթ, 15 Հոկտեմբեր 1897ին, Ապահ կը ժամանէ Աղեքսանդրիա։ Հոն կը
270
մնայ ամբողջ ամիս մը, հիւրասիրուելով Ատոմ Ասլանեանի բնակարանին մէջ։ Այդ շրջանին, Ապահ կը նկատէ որ Հնչակեան նորակազմ Կեդրոնը (որ Աղեքսանդրիա փոխադրուած էր քանի մը օր առաջ) կ’ուզէ զինք Ռուսաստան ուղարկել, Ապահի համար անծանօթ միջավայր մը, ուր ո՛չ մէկ օգտակարութիւն կրնար ունենալ։ Կրկին յուսախաբ, անորոշութեան մէջ կը քաշքշէ իր պարապ ժամերը։ Դառնացած այլեւս այդ կեանքէն, ի վերջոյ կը վճռէ հիմնական գործի մը լծուիլ ու լքել կուսակցական առաքելութիւնը։ Ապահ, որ միշտ կը թղթակցէր Նուպարեան ընտանիքին հետ, եւ օրը օրին տեղեակ կը պահէր իր պաշտպանները ազգային անցուդարձերուն մասին, այս անգամ մնայուն զբաղումի մը մասին դիմում կը կատարէ, ինչ որ անհետեւանք չ’անցնիր։ Մինչ այդ, Ապահ կ’ուղղուի Գահիրէ, Կիրակի 14 Նոյեմբերին, եւ իր առժամեայ բնակութիւնը կը հաստատէ Մէնշիէ թաղամասին մէջ, իր երեց եղբայրներուն մօտ։ Այդ օրերուն, Ապահ կը գործածէ նաեւ Charlie A. Peterson ծածկանունը, որ Պետրոսեանի անգլիական ձեւն է։ Պօղոս Փաշա Նուպար, Եգիպտոսի Պետական Երկաթուղւոյ Վարչութեան Ընդհանուր տնօրէնն էր այդ օրերուն7։ Ան ընդառաջ երթալով Ապահի խնդրանքին, ու շնորհիւ իր ինչպէս նաեւ Եագուպ Արթին Փաշայի ջանքերուն, Ապահ, 1897 Դեկտեմբեր 20ի Երկուշաբթի օրը, օգնական-գծագրիչի պաշտօնով կ’ընդունուի` Պետական Երկաթուղւոյ Վարչութեան Անապիրի (Գահիրէ) աշխատանոցին մէջ։ Ապահ, գործաւորի կապոյտ շապիկը հագած, իբրեւ ուսանող հո՛ն կը մնայ ամբողջ ամիս ու կէս, ծանօթանալով եւ ուսումնասիրելով մեքենական այլեւայլ բաժինները, ու 1898 Փետրուար 1էն սկսեալ ան իբր գծագրիչ, կ’անցնի այլեւս` նոյն արհեստանոցին կից, Chief Mechanical Department-ի Technical Office-ը, 20 ե.դ. օրավարձքով։ Այդ ասպարէզին մէջ, Ապահ կը մնայ ու կ’անցընէ իր կեանքին ամէնէն բեղուն շրջանը, մինչեւ իր մահը (Մարտ 1928), ճիշդ երեսուն երկար տարիներ։ Ան ունէր գծագրութեան ընդունակութիւն, սակայն թուագիտութեան (mathématique) մէջ ըստ բաւականի հմուտ չըլլալով, ինքնահնար գծագրողէ մը աւելի, ընդօրինակող (copist) մը կ’ըլլայ։ Այդ գործին մէջ իրեն հայ պաշտօնակիցներ կ’ունենայ` հանգուցեալ Գաբրիէլ Նշանեան (1860-1925), Խաչիկ Գուրեան, Նազարէթ Գասարճեան, Օննիկ Եփրեմեան եւն։
Գմգմեան կը փոխակերպուի Պետրոսեանի Ընթերցողին ծանօթ է որ Ապահի անունը, նախապէս Աւետիս ըլլալով, Տ. Եզնիկ եպս. Ապահունիի կողմէ առաջին անուանափոխութիւնը կատարուած է 1888ին։ Այնուհետեւ Ապահ նետուելով փախստական եւ ապստամբական ձեռնարկներու մէջ, յաճախ ծածկեր էր իր ընտանիքի ազգանունը, չվտանգելու համար իրենները որոնք Արաբկիր կը գտնուէին (ինչպէս տեսնուեցաւ իր
271
Ամերիկա փախուստին առթիւ)։ Զէյթունի ապստամբութեան ամբողջ տեւողութեան եւ անկէ վերջ, ընթերցողը հետեւելով իր քայլերուն, նկատեց Ապահի բռնած զգուշաւոր ընթացքը` իր ինքնութիւնը չյայտնելու մասին եւ գործածած տարբեր ծածկանունները` պարագաներու համեմատ։ 1898ին, երբ այլեւս Գահիրէ հաստատուելու եւ հիմնական գործի մը լծուելու որոշումը կու տար, Ապահ դարձեալ տարուած` երկրին մէջ իրենները չվտանգելու մտահոգութենէն (քանի որ այլեւս փախստական չէր), այս անգամ իր հօր անունը մականունի վերածելով, Գմգմեանը կը փոխակերպէ Պետրոսեանի, թէ՛ պաշտօնական արձանագրութեանց մէջ եւ թէ՛ պետական կամ ազգային շրջանակներու մօտ։ Այս անուանափոխութիւնը կատարելով, ան չէր դադրեր սակայն Գմգմեան ընտանիքին պատկանելէ, ինչպէս շատեր այդպէ՛ս պիտի ենթադրէին։ Այսուհանդերձ, ան է՛ եւ պիտի մնա՛յ մեր ազատագրական պատմութեան մէջ պարզապէս «Արաբկիրցի Ապահ»ը, իրեն որոշիչ ունենալով «Զէյթուն»ը, երկու սիրական վայրեր, որոնցմէ առաջինին մէջ ան կ’ուզէր տեսնել իր խոնարհ ծագումը, իր գերդաստանը, մանկութեան ու պատանեկութեան իր երջանիկ օրերը. իսկ երկրորդին մէջ իր իտէալին մեկնակէտը, իր հայրենիքի ազատագրութեան բարձրանիստ խորհրդանշանը, որուն վրայ իր երիտասարդական արիւնոտ տարիքը, ուրիշներու կարգին, բոսորագեղ տառերով զարկեր էր ապստամբութեան կնիքը...։ Արաբկիր եւ Զէյթուն, Ապահի համար խորհրդանշեցին ուրեմն ընտանիք եւ հայրենիք։
Գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ (Լահէի համաժողովին շուրջ) 1899ի գարնան, պատերազմներու աղէտը խափանելու համար, Ռուսիոյ Ձարը կը դիմէ բոլոր պետութեանց եւ կը յաջողի դեսպանախորհուրդ մը կազմել տալ` Հոլանտայի մայրաքաղաքը Լահէի մէջ։ Գրեթէ աշխարհի բոլոր պետութիւնները ներկայացուցիչներ կը ղրկեն այդ համաժողովին։ Այս առիթէն օգտուելով, հայ կուսակցութիւններն ալ կ’որոշեն հայկական խնդիրը հանել այդ դեսպանախորհուրդին առջեւ եւ նպաստաւոր որոշում ու լուծում ստանալ, հակառակ որ նախապէս պայման դրուած էր ո՛չ մէկ պետութեան ներքին գործերը եւ մասնաւոր խնդիրները առաջարկի կամ վիճաբանութեան նիւթ չընել այդ ժողովին մէջ։ Նոյն տարւոյ Մայիս 7/19ին, պուլկարահայեր միթինկ մը կազմելով, հայկական խնդիրը դեսպանախորհուրդին ներկայացնելու համար, իրենց կողմէն պատուիրակ կ’ընտրեն Մինաս Չերազը որ այդ օրերուն Փարիզ կը գտնուէր։ Նոյնիմաստ որոշում մը կու տան նաեւ եգիպտահայերը։ Չերազ ընդուներ էր իրեն եղած հրաւէրը ու մեկնած ժողովին վայրը։ Ան, Մայիս Բշ. 10/22ին կը դիմէ դեսպանախորհուրդին, եւ երկու օր վերջ իրեն կը պատասխանուի թէ իր դիմումը
272
ժողովին նպատակէն դուրս եւ պայմաններուն հակառակ ըլլալուն նկատի չէր կրնար առնուիլ։ Միւս կողմէ, մերժման պատասխանը տրուելէն օր մը առաջ, Պոլսոյ Պատրիարքը` Օրմանեան, իր փափուկ պաշտօնին բերմամբ եւ արտաքին ստիպումներու տակ, 23 Մայիս 1899 թուականով հետեւեալ հեռագիրը կ’ուղարկէր Լահէյ. Պաշտօնական կերպարանք չենք ճանչնար այն անձանց վրայ, որոնք լրագիրներու գրածին համեմատ դեսպանախորհուրդիդ կը դիմեն հայ ազգին անունով, եւ անոնց դիմելն ալ չենք ճանչնար։ Օրմանեանի այս համբաւաւոր հեռագիրն էր որ յետագային արտասահմանի կարգ մը հայ գաղութներուն համար յուզող հարց կը դառնայ, ըստ որում այդ ըլլար պատճառ Չերազի մերժուելուն եւ հայկական խնդիրը այդ համաժողովին մէջ նկատի չառնուելուն8։ Օրմանեանի Ազգապատումէն վերջ, Պ. Ա. Ալպօյաճեան եւս իր Մինաս Չերազի կենսագրութեան մէջ յիշած ըլլալով` Օրմանեանի Լահէյ ուղարկած հեռագրի պարագան, նոյնինքն Չերազ, ի պատասխան Ալպօյաճեանի յիշեալ հատորին, իր Ազգային խնդիրներ անուն գրքոյկին մէջ (Փարիզ, 1927) կ’ընէ հետեւեալ ճշդումը (էջ 17-18). Ալպօյաճեան կը կարծէ թէ 1899 Մայիս 25ին էր որ Օրմանեան քաշեց Լահէի հեռագիրը, մինչ 23ին քաշած է։ Երբ Մայիս 22ի երկուշաբթի օրը փորձեցի ներկայանալ Խաղաղութեան Վեհաժողովի նախագահ Պ. տը Սդաալին, սա իր պանդոկապետին միջոցով յայտնեց թէ չորեքշաբթի պիտի ընդունէր զիս։ Վերադարձայ չորեքշաբթի, եւ նոյն անձին միջոցով յայտնեց թէ «իրեն բացարձակապէս անհնար էր» ընդունիլ զիս։ Զարմացայ, այլ յետոյ իմացայ թէ երեքշաբթի ստացած էր Օրմանեանի հեռագիրը, որ կը յայտարարէր թէ իրմէ զատ ոչ ոք իրաւունք ունէր խօսիլ Տաճկահայերու անունով (ես խօսած էի պուլկարահայ ու եգիպտահայ գաղութներուն անունովը միայն, որոնք այդ Վեհաժողովին ղրկած էին զիս)։ Երբ Կոստանդնուպոլիս վերադարձայ 1908ին, Օրմանեանէն բացատրութիւն խնդրեցի։ Պատասխանեց թէ Նորատունկեան Գաբրիէլ էֆէնտին յղացած էր Լահէի հեռագրին գաղափարը եւ շարադրած էր հեռագիրը, ինք ալ ստորագրած ու ղրկած էր, Սուլթանին հաճոյանալով` զիջումներ ձեռք բերելու համար ինչ ինչ ազգային գործերու մէջ։ Արդ, իբր անմիջական հետեւանք օրուան այդ մտայնութեան, «չյիշուի»ի բանաձեւն է որ շրջան կ’ընէ գաղութէ գաղութ։ Նախապէս Աղեքսանդրիոյ հայոց եկեղեցւոյն մէջ Օրմանեան Պատրիարքի անուան յիշատակութիւնը դադրեցնել կը տրուի ժողովուրդին միահամուռ հաւանութեամբ եւ երկու կուսակցութեանց (Հնչակեան եւ Դաշնակցական) համերաշխ գործակցութեամբը։
273
Հո՛ն չի յիշուիր, ուստի պէտք է Գահիրէի մէջ ալ ձեռնարկել` յիշատակել չտալու ա՛յն անունը որ ծանօթ հեռագրին տակ դրուած է։ 350ի մօտ ստորագրութիւններ կրող հանրագրութիւն մը կը պատրաստուի, եւ զայն Գահիրէի Քաղաքական Ժողովոյ ներկայացնելու պաշտօնը կը յանձնուի չորս անձերու, որոնցմէ մին` Ապահ։ Հոս, խօսքը տանք Ապահի, որ այդ տխուր իրադարձութեանց առթիւ, Գահիրէի Փիւնիկ հանդէսին 15 Հոկտեմբեր 1899 թիւին մէջ հրատարակած է «Աչքկապուկ չխաղանք» խորագրով յօդուած մը։
Ծանօթ հանրագրին պատրաստուելէն առաջ, - կը յարէ Ապահ, - սկսած էին արդէն ձգտումներ, ապօրինի եւ ծաղրելի միջոցներով դադրեցնել տալու համար Օրմանեան Պատրիարքին անուան յիշատակութիւնը Ս. Եկեղեցւոյ մէջ։ Ես, նախանձախնդիր ժողովրդին շահերուն, այդ բռնի միջոցներուն կիրարկութիւնը արգիլելու փափաքով, կարծիք յայտնեցի ժամանակին թէ` տեղւոյս հայ գաղութին շահերը կը վտանգուէին այդ կերպ յախուոն գործողութիւններով. ի վերջոյ, որոշուեցաւ պատրաստել հանրագիր մը, որ պարունակութեամբը լինէր ժողովուրդին կամքին ու զգացումներուն յստակ արտայայտութիւնը, եւ դիմումնիս` խաղաղասիրական եւ օրինաւոր սահմանի մը մէջ։ Հանրագրին ստորագրութիւնները բաւական համարուելով, հարկ եղաւ ներկայացնել զայն տեղւոյս Քաղաքական Ժողովին։ Պատգամաւոր կարգուելով, ստանձնեցի այդ պաշտօնը, միա՛կ պայմանով որ կուսակցական դիտումով ա՛լ չշարունակուէին ոտնձգութիւններ մութին մէջ։
Պատգամաւորի պաշտօնով, Սեպտեմբեր 6ի Չորեքշաբթի օրը, Քաղաքական Ժողովին կը ներկայանան չորս ազգայիններ։ Հոն, պատգամաւորներէն Պ. Երուանդ Քէրէստէճեան (կամ բուն անունով Յովհաննէսեան), տրիբունի հովեր առնելով, եւ ժողովականները վախցնելու նպատակով կը յայտարարէ թէ հանրագրութիւնը ստորագրողները ստորին դասակարգէ, տաք գլուխ մարդիկ են, որոնք ի հարկին բռնի ուժով կրնան իրենց խօսքը քալեցնել, եւն.։ Ապահ, ի զուր կը ջանայ դարմանել այդ արտառոց յայտնութիւններու առաջ բերած հակազդեցութիւնը։ Ժողովը ի վերջոյ, գերագրգիռ միտքերը հանդարտեցնելու համար, 15 օրուան յետաձգում մը կը քուէարկէ։ Սեպտեմբեր 9ին սակայն, երկու Դաշնակցականներ (որոնցմէ մին կաթոլիկ) կը ներկայանան Առաջնորդական փոխանորդ Տ. Մամբրէ քհնյ. Վարդանեանի ու կը պարտադրեն որ նոյն Կիրակին դադրեցնել տայ Օրմանեանի անուան յիշատակութիւնը, ինչ որ Տեղապահը կը մերժէ։ Նոյն Կիրակին ցոյցի պէս բան մը կ’ըլլայ կ’անցնի. յաջորդ Կիրակին ո՛չ միայն ցոյց մը եւս կ’ըլլայ, այլեւ նոյն օրը երեկոյեան ծեծ-ծեծկըւուք, ոստիկանական միջամտութիւն, ձերբակալութիւն, նախատինք։ Ո՞ւր մնաց, - կը հարցնէ Ապահ, - պատգամաւորութեան պաշտօնը զոր ստանձնած
274
էի միա՛կ պայմանով որ խաղաղասիրական եւ օրինաւոր սահմանէն անդին պիտի չանցնէր։ Իսկ Սեպտեմբեր 21ին, առ իս ուղղուած հրաւէրով ներկայացայ ժողովին, միմիայն յայտարարելու համար թէ` իմ պաշտօնս վերջացած էր ա՛յն օրէն որ խնդիրը կուսակցական գոյն առած էր, մինչդեռ հանրագիրը պարտէր լինել ժողովուրդին կամքին ու զգացումներուն յստակ արտայայտութիւնը, անհատական ու կուսակցական շահադիտութիւններէ գերիվեր։ Ա՛լ վարագոյրը պատռած է, - կ’եզրակացնէ Ապահ իր յօդուածը, - թո՛ղ աչքկապուկ խաղացողները իրենց ամօթալի մերկութեամբ բեմին վրայ դեռ քայլ փոխեն։ Վերոյիշեալ լուսաբանութիւնը զոր Ապահ կատարած է իր ատենին, կու գար երեւան հանել «գաւաթ մը ջուրի մէջ» տեղի ունեցած «փոթորիկ»ի ներքին ծալքերը, եւ իր արտայայտութեանց հարազատութեամբը, հերքել այն անիրաւ պարսաւանքները որոնք «սրճարաններու նեխած անկիւններ»էն սկսած էին շրջան ընել իր անձին հանդէպ։
Ամուսնութիւնը Ապահ երբ այլեւս հիմնական գործի մը կը լծուի, կը մտածէ ամուսնութեան մասին։ Ինք, ամուրի, մօտը կը մնար երէց երկու եղբարց, որոնք ընտանիք կազմած, կը բնակէին Գահիրէի Միջնաբերդի թաղին մէջ, իրարմէ ո՛չ այնքան հեռու։ 1900ին, Ապահ կը գտնուէր իր 28րդ առոյգ տարիքին մէջ, եւ մինչ այդ ան շինած էր արդէն համբաւ մը` իր արկածալից եւ հերոսական դրուագներով լի անցեալով, ու դարձած հանրածանօթ դէմք մը` հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ։ Երբ անդին իր զինակից ընկերներէն Աղասի` Նուպարեան ընտանիքի շնորհիւ, Շալօնի (Ֆրանսա) մէջ կը շարունակէր իր ուսումը` Երկրագործական Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ, երբ միւս կողմէ Հրաչեայ, մեկենասներ կը փնտռէր մինչեւ Կովկաս` բարձրագոյն ուսում ստանալու համար, Ապահ, մին այդ երրորդութենէն, կ’ապաւինէր իր սեփական ուժերուն` թէ՛ իր ապրուստը հոգալու եւ թէ՛ ինքնազարգացման ուժ տալու համար։ Ան, այլեւս ինքնօգնութեամբ պիտի ուզէր շահիլ այն ժամանակը որ ապստամբական գործերու յատկացուցած էր։ Ըսինք թէ Ապահ, Նուպարեան ընտանիքին հետ կը պահէր իր յարաբերութիւնը ա՛յն օրէն ի վեր երբ առիթը ունեցած էր ծանօթանալու եւ ծանօթացուելու` այդ ընտանիքի մեծ նահապետին, իր տեսակցութեանց եւ այցելութեանց մէջ ծայր աստիճան զգուշաւոր եւ շրջահայեաց, իր համեստ եւ հեզահամբոյր բնաւորութեամբ, համակրութեանը արժանացած էր այդ ազնուատոհմ գերդաստանի անդամներուն։ Ողբ. Տիկին Պօղոս Նուպար, նոյնիսկ դիտաւորութիւն ունեցած էր զինք ամուսնացնելու իր զարմիկներէն միոյն` Գէորգ պէյ Ասլանեանի դուստրերէն` Էմզիքի կամ Աննայի։ Սակայն Ապահ, պիտի նախընտրէր մնալ իր շրջանակին մէջ, բո՛ւն իսկ իր ապագայ երջանկութեան համար։
275
Ի վերջոյ կու տար իր որոշումը. պիտի ամուսնանար` իր հօրեղբօր թոռանը դուստրին` Օր. Մարի Գ. Եագուպեանի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ` իր Գրիգոր եղբօր կնոջ` քրոջ աղջիկը կ’ըլլար։ Օր. Մարի (կամ Մարան) կը պատկանէր` արաբկիրցի մեծ, բարեկեցիկ, բողոքական գերդաստանի մը, սեռելով` ակնցի արքունի սեղանաւոր եւ վաճառապետ` Եագուպ ամիրա Յովհաննէսեանէ (1672-1752)9։ Ծնած է Գահիրէ, 21 Դեկտեմբեր 1878ին։ 1880ի Զատկին, իր ծնողաց հետ ուխտաւորութեամբ կը տարուի Երուսաղէմ։ Յաջորդ տարւոյ Սեպտեմբերին, Մարի, իր մօր, մեծ մօր եւ երկու երէց եղբայրներուն հետ կ’ուղեւորի Արաբկիր։ Անոնք հոն կը մնան ամբողջ վեց տարի։ Մարի, իր մանկութեան ամէնէն երանաւէտ օրերը կ’անցընէ իր ծնողաց այդ ծննդավայրին մէջ. պահ մը կը յաճախէ` Եագուպեան գերդաստանի պապենական օճախին կից գտնուող` Ղազիկեան թաղի բողոքականաց Մանկապարտէզը։ Արաբկիրի մէջ է որ Մարի առաջին անգամ կը ծանօթանայ Ապահի (այն ժամանակ Աւետիս) որ իրմէ վեց տարու մեծ էր։ 1887 Հոկտեմբերին, դարձեալ իր մօր, մեծ մօր եւ Սեդրակ եղբօր հետ (իր միւս եղբայրը` Մամաս, յետագային Տօքթ. Վահրամ, մտած ըլլալով Խարբերդի Եփրատ Գօլէճը, նոյն տարւոյ Սեպտեմբերին) կը վերադառնայ Գահիրէ, եւ իր ուսումը կը շարունակէ` Պէյն Էլ Սուրէնի Խորէնեան Ազգային Վարժարանը, որ այդ շրջանին կը գտնուէր Նազարէթ Աղազարմի եւ ապա Կարապետ Նաւասարդի տեսչութեանց ներքեւ։ Մարի, Խորէնեան Վարժարան կը մնայ մինչեւ 1895 Յուլիս (վերջընթեր կարգ), ու այնուհետեւ երկու տարի կը յաճախէ Գահիրէի Շուպրա թաղամասին մէջ գտնուող լատին մայրապետներու (Bon Pasteur) գիշերօթիկ վարժարանը։ 1897ին ակամայ կ’ընդհատէ իր երկրորդական ուսումը, ստանալէ վերջ` ազգային եւ օտար հաստատուն նախակրթութիւն մը։ Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, Ապահի երեք եղբարց կողակիցներուն անուններէն էին` Փռլանդ, Էլմաս, եւ Իսկուհի (կամ Ոսկի)։ Ու երբ 1896ի Մարտին, Զէյթունէն վերադարձի ճամբուն վրայ, Աղեքսանդրիոյ առջեւ Գահիրէէն իրեն այցի եկող ազգականներու կողմէ Ապահի կը հարցուի իր ապագայ կողակցի անուան մասին, Ապահ ժպտելով եւ իր խորաթափանց նայուածքը ուղղելով շուրջիններուն, կատակի ձեւով բայց անսխալ գուշակութեամբ մը կը պատասխանէ` «իմ կողակիցը պիտի կրէ մի այնպիսի սուրբի անուն, որուն կուրծքը կարենամ զարդարել ե՛ւ փռլանդը, ե՛ւ էլմասը ե՛ւ ոսկին շողշողուն»։ Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 1900ին տեղի կ’ունենայ նշանախօսութիւնը` ձեռամբ Տ. Եզնիկ քհնյ. Պալունիի, ու երկու ամիս վերջ, Կիրակի, 30 Դեկտեմբերին հարսանեկան արարողութիւնը` Գահիրէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պսակի խորհուրդը կը կատարէ` Եգիպտահայոց Առաջնորդ Տ. Յովսէփ եպս. Այվազեան,
276
իր շուրջ ունենալով Տ. Մամբրէ Ա. քհնյ. Վարդանեանը (Առաջնորդական Տեղապահ), Տ. Եզնիկ քհնյ. Պալունին եւ Ապահի զինակից` Տ. Բարթողիմէոս վրդ. Թագաճեանը։ Կնքահայրութեան պաշտօնը կը կատարէ ազնուաշուք Գրիգոր էֆ. Մելգոնեան, իսկ կնքամօր պաշտօնը սիրայօժար կ’ընդունի Վսեմ. Տիկ. Մարի Պօղոս Փաշա Նուպար, թէեւ այդ օր արգելիչ պատճառով կը բացակայի։ Կրկին խնամութիւն հաստատող երկու ընտանիքներէն ալ ներկայ կ’ըլլան երկսեռ հրաւիրեալներ, որոնցմէ մեծ մասը` գահիրէաբնակ արաբկիրցիներ։ Հարսանիքը կ’անցնի փառաւոր. կ’ըլլան բաժակաճառեր` Յակոբ Մարզպանեանէ, Ապահի զինակիցներէն` Շաւարշ Շիշմանեանէ եւն։ Այս առթիւ, հոգելոյս Տ. Բարթողիմէոս վրդ. Թագաճեան, իր գրած «ինքնակենսագրութիւն»ին մէջ, ակնարկելով Ապահի ամուսնութեան, հետեւեալ զուարճալի դէպքն ալ կը յիշէ. Ապահն ալ ես պսակեցի` Գահիրէի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ. այդ առիթով քարոզ մըն ալ խօսեցայ։ Հարսը բողոքական էր եւ բոլոր բողոքականներն ալ ներկայ էին եկեղեցին, իրենց քարոզիչին` Վեր. Մ. Գնաճեանի հետ։ Պսակէն վերջ, երբ տուն եկանք, պատուելին ըսաւ ինծի. - Հա՛յր սուրբ, պսակը շատ հանդիսաւոր կատարեցիր, շատ լաւ խօսեցար եւ մենք չափազանց գոհ մնացինք։ Բայց կը զարմանանք թէ դուն ի՞նչ տեսակ եկեղեցական ես։ Յիսուս` մեր Տէրը, ըսաւ. «Ով որ սուր կ’առնէ, սուրով պիտի սպաննուի»։ Դուն սո՛ւր առած ես թշնամիներուդ դէմ, դուն մեղաւո՛ր ես։ - Ձեզի ո՞վ ըսաւ որ մեղաւոր եմ, - պատասխանեցի. - եթէ մէկը առանց պատճառի մարդ սպաննէ` մեղք կը գործէ, բայց ես, ազգիս պաշտպանութեան համար միա՛յն սուր առած եմ։ Չէ՞ք կարդացեր որ Մովսէս իր ազգակցին վրէժը լուծելու համար եգիպտացին սպաննեց եւ Աստուծոյ սիրելի եղաւ։ Բողոքականները, որ մտիկ կ’ընէին, ըսին իրենց պատուելիին. - Պատասխան տուր, Հայր սուրբը մեղաւո՞ր է։ - Ի՞նչ պատասխան տամ, - ըսաւ պատուելին, - Հայր սուրբը Աստուածշունչէն իրեն պէտք եղած տեղերը գոց ըրեր է եւ կը խօսի, ես չեմ կրնար իրեն հետ գլուխ ելլել։ - Կեցցէ՜ Բաթողիմէոս վարդապետը, պոռացին ներկաները։ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւն 1896ի Հնչակեան Կուսակցութեան Լոնտոնի Կեդրոնին մէջ կատարուած հերձուածէն յետոյ, Ապահ, Աղասի, Արփիարեան, Մ. Տամատեան, Ռշտունի, Արզուեան, Սուրէն Սուրէնեան, Լ. Բաշալեան, Լ. Մկրտիչեան, Մ. Սվազլը եւ իրենց համախոհ խումբ մը թրքահայ Հնչակեան ծանօթ գործիչներ, կ’որոշեն բաժնուիլ «Սոցեալ-տէմոքրաթ Հնչակեանց Նազարբէկեան Կեդրոն»էն եւ նոյնիսկ «Սոցեալ-տէմոքրաթ Հնչակեան Կուսակցութիւն»էն եւ ստեղծել զուտ ազգայնական ծրագրի մը վրայ հիմնուած Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը։ Այս
277
կազմակերպութիւնը, իրեն թաքուն նպատակ ունէր` լուրջ պատրաստութիւններէ յետոյ պատեհ րոպէի մը Կիլիկիոյ մէջ ապստամբութիւն մը պայթեցնել։ Կիլիկեան ապստամբութեամբ Հայ Պետութեան մը կորիզը պիտի ստեղծուէր։ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը այդ տեսակէտով ուրեմն կոչուած էր մեծ դեր մը կատարելու, ու պիտի կատարէր, եթէ հայ ունեւոր դասակարգը օգնէր անոր. եւ ան պատճառ չունէր չօգնելու, քանի որ այդ կազմակերպութիւնը, հայ ուժերը պառակտող, եւրոպական տէրութեանց ու հանրային կարծիքին հակակրութիւնը Հայկական Դատին վրայ հրաւիրող անժամանակ ու անտեղի «սոցեալիզմ»ը մէկդի դրած, տեռօրական արարքներէն հրաժարած էր եւ ազգայնական ուղղութեամբ ազատագրական ապստամբութեան մը ծրագրին վրայ հիմնած էր իր գործունէութիւնը։ Համիտեան կոտորածներէն առաջ կարելի եւ նոյնիսկ հասկնալի էր յեղափոխական գործունէութիւն մը վաղաժամ ու անխոհեմ համարիլ եւ անոր հակառակիլ, բայց այդ խուժդուժ ջարդերէն յետոյ, հնարաւոր չէր այլեւս անշարժ ու կրաւորական դիրք պահել առանց որեւէ արդարահատոյց արդիւնքի թուրքին հետ հաշտուիլ կամ որեւէ փոփոխութիւն դէպքերէն միայն սպասել։ Այդ նպատակով կարգ մը դիմումներ կ’ըլլան հայ հարուստներու մօտ, թելադրելով որ իրե՛նք հարուստները կազմէին` Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան կողքին` իրենց ընտրած անձերով, հայրենասէր ունեւորներու գաղտնի քոմիթէ մը, հաւաքուելիք գումարները իրենք պահէին եւ գիտակցաբար ու համախորհուրդ գործակցէին ապստամբական պատրաստութիւններու։ Այդ ջանքերը ապարդիւն կը մնան։ Անգամ մը միայն, յաջողութեան – վաղանցուկ ու անհետեւանք յաջողութիւն – բացառիկ դէպք մը տեղի կ’ունենայ. 1897ի ամրան հանգ. Լեւոն պէյ Յակոբեան, կարդալէ յետոյ Աղասիի Զէյթունի պատմութիւնի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, ոգեւորուելով, կ’ուզէ տեսնել Աղասին ու Չօպանեանը։ Այդ հանդիպումին ներկայ կ’ըլլայ նաեւ Լեւոն Բաշալեան։ Իր ստացած լուսաբանութիւններէն այնքա՜ն կը խանդավառուի Յակոբեան, որ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ 100,000 ֆրանք նուիրելու` կիլիկեան ապագայ ապստամբութիւն մը կազմակերպելու գործին համար` գոյացուելիք գաղտնի ֆոնտի մը իբր կորիզ։ Կը գտնուի ազգային գործերով հետաքրքրուող ծանօթ հայ հարուստ մը, ժընէվաբնակ ակնցի Մաթէոս Խերեան, որ սկզբունքով համամիտ գտնուելով այդպիսի ապստամբութեան մը գաղափարին, կը հաւանի այդ գործին գանձապահը ըլլալ։ Յակոբեան անոր կը յանձնէ 100,000 ֆրանքը, բայց ո՛չ այդ հարուստը ո՛չ ալ ուրիշներ մէկ սանթիմ չեն աւելցներ այդ գումարին վրայ, որ տարիներով կը մնայ անշարժ եւ ամուլ, այնպէս որ ի վերջոյ Յակոբեան դատ կը բանայ այդ գումարը ետ առնելու համար. գանձապահ հարուստը դատը կը շահի` փաստելով որ գումարը ատենին նուիրուած էր բարեգործական նպատակներու համար եւ չէր կրնար այլեւս ետ տրուիլ, ու քիչ յետոյ 1899ին զայն կը ղրկէ Օրմանեան պատրիարքին, որ զայն կը յատկացնէ Զէյթունի մէջ որբանոցի մը հաստատ-
278
ման։ Զէյթունցի Մնացական Սէմէրճեան (1840-1914), երբ 1899 Մարտին Աղեքսանդրիայէն կը մեկնի Ս. Էջմիածին, իր հետ կը տանի` Տ. Բարթողիմէոս վրդ. Թագաճեանի կողմէ նամակ մը` ուղղուած Խրիմեան Հայրիկի, որուն մէջ Ֆռնուզի երբեմնի քաջ վանահայրը նիւթական նպաստ կը խնդրէր Հայոց Հայրիկէն` Ֆռնուզի աւերեալ վանքին վերաշինութեան կամ Զէյթունի մէջ որբանոցի մը հաստատման ինչպէս նաեւ Սէմէրճեանի Զէյթունի պատմութիւնի հրատարակութեան համար։ Սէմէրճեան կը հասնի Էջմիածին եւ յիշեալ յանձնարարական նամակով կը ներկայանայ Խրիմեանի Ապրիլ 18ին։ Այդ օրերուն էր որ Խրիմեանի տրամադրութեան տակ կը դրուէր Լեւոն պէյ Յակոբեան մեծագումար նուիրատուութիւնը։ Խրիմեան Հայրիկ, ի պատասխան Բարթողիմէոս վրդ.ի գրաւոր առաջարկին, Սէմէրճեանի միջոցաւ այդ գումարէն կը յանձնէ 6000 ռուբլի (շուրջ 700 ոսկի), Ֆռնուզի վանքի նորոգութեան համար, սակայն յետոյ Թագաճեան վանահօր առաջարկով այդ գումարը կը յատկացուի Զէյթունի մէջ որբանոցի մը հաստատման։ Բաց աստի, Խրիմեան` Սէմէրճեանի կը հոգայ անոր գրքին տպագրութեան ծախսերը եւս, ձեռագիրը ուղարկելով Վիեննայի Մխիթարեաններուն։ Աւելի ուշ, 1903ին, Խերեան, Բարթողիմէոս վրդ.ի առաջարկին վրայ, 100 ոսկի կը տրամադրէ` Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր Տ. Սահակ Կաթողիկոսին, որուն հոգատարութեան տակ կը շինուի ազգապատկան բաղնիք մը Զէյթունի մէջ։ Միւս կողմէ, Տօքթ. Ն. Տաղաւարեան իր Հայոց կաթողիկոսութիւնն եւ այժմու կաթողիկոսի ընտրութիւն խորագրով գրքոյկին մէջ, խօսելով Օրմանեանի շահատակութեանց վրայ, ի մէջ այլոյ կը գրէ հետեւեալը այս մասին. Դեռ չէ լուսաբանուած թէ ի՞նչ եղած են փարիզաբնակ Ա. Իվանէսքուի ի նպաստ Զէյթունի Որբանոցին (1904) Օրմանեանի ղրկած 14,450 ֆր.ի եւ ապա (1905ին) այդ քաղաքի ազգապատկան ջերմուկներու օթեւանի շինութեան համար յիշեալին կողմէ ղրկուած 200 ոսկւոյ գումարները, քանի որ այդ Որբանոցը առ ի չգոյէ հասոյթի փակուեցաւ։ Աւելորդ է որեւէ մեկնաբանութիւն տալ` այս եւ նախորդ նուիրատուութեանց գործադրութեան ձեւի մասին, նկատի ունենալով այն անձերը եւ անցքերը որոնք իբրեւ միջնորդ կամ միջոց ծառայեցին, շահագործելու համար եղած նպաստները յօգուտ բազմակարօտ արծուեբոյնին10։ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը մնայ վատուժ. պաշտօնաթերթ Մարտն ու Նոր կեանք կիսամսեայ հանդէսը հրատարակելու համար Արփիարեան եւ Բաշալեան մեծ նեղութիւն կը կրեն։ Բաշալեան յուսահատած, կը հրաժարի ու կ’երթայ Պաքու, ուր նաւթահորեր փորող ֆրանսական
279
ընկերութեան մը տնօրէնը կ’ըլլայ։ Արզուեանի եւ իր համախոհ ընկերներուն ղեկավարութեան տակ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը նոր ուժ մը կը ստանայ։ Արզուեան իբր Նոր կեանքի խմբագիր կը հրաւիրէ Սուրէն Պարթեւեանը, որ ինչպէս այդ թերթին, նոյնպէս եւ յետոյ Ամերիկայի Ձայն հայրենեացին, իր հրապարակագրի, վիպողի եւ բանավիճողի հզօր գրչով եւ բանախօսի պերճաբանութեամբ, իրական օգնութիւն մը կը բերէ` Արզուեանի եւ ընկերներու վերանորոգման ճիգին։ Արփիարեանի պայքարը չի խանգարեր Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան վերականգնումը։ Ան հետզհետէ կը դառնայ լուրջ ուժ մը, որ պիտի յանգէր ի՛րապէս գործադրելու` երբ պատեհ րոպէ մը ներկայանար ու երբ վերջապէս ունեւոր հայեր անոր լայնօրէն օգնէին` կուսակցութեան նպատակակէտը կազմող մեծ ծրագիրը։ Թերեւս մեր ունեւոր ազգակիցները պիտի մօտենային ապստամբութեան մը ծրագրին, պիտի ըմբռնէին անոր կարելիութիւնն ու կենսական կարեւորութիւնը եւ պիտի օգնէին անոր, եթէ Դաշնակցականներն ու հին Հնչակեանները միանային Վերակազմեալ Հնչակեաններուն, վերջ դնէին իրենց սպառիչ ու քայքայիչ հատուածական վէճերուն եւ համաձայնէին իրենց ճիգերը եւ ուժերը կեդրոնացնել այն սահմանափակ ու ամուր, հնարաւոր ու բեղմնաւոր ծրագրին վրայ, որ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնն էր։ Հին Հնչակեանները ի վերջոյ կը հաւանին` միութեան համար Վերակազմեալ Հնչակեան նոր Կեդրոնին ուղղած կոչերուն հաստատական պատասխան տալու։ Միացումը տեղի կ’ունենայ։ Միացած ու վերանորոգուած կուսակցութիւնը, իր բոլոր ուժը կեդրոնացնելով միակ որոշ ծրագրի մը վրայ, պիտի կարենար անոր գործադրութիւնը դիւրացնել, ատոր համար իրեն քաշել թերեւս նաեւ ազգասէր ունեւորներու աջակցութիւնը, ու նոյնիսկ Դաշնակցականները մղել որ իրենց վարանումները թողուն ու գան իրենց միանալ նոյն ծրագրին շուրջ։ Դժբաղդաբար այդ միացումը կարճատեւ կ’ըլլայ` հին Հնչակեան քանի մը պետերուն (Սապահ Գիւլեան, Արզումանեան, Սագունի) անուղղամիտ, աղանդամոլ ու եսամոլ վերաբերմունքին պատճառով։ Միութիւնը կը կայանար քանի մը հիմնական կէտերու վրայ համաձայնութեամբ եւ այդ կէտերէն գլխաւորներէն էին` միջազգային ընկերվարական շարժման մասնակցութեան եւ թրքահայ ազատագրական գործունէութեան անջատումը, այս վերջնոյն միահեծան տիրապետումը` միացեալ կուսակցութեան ծրագրին մէջ, Ա. Նազարբէկեանի հեռացումը կուսակցութենէն։ Այդ համաձայնութիւնը կը ստորագրեն` հին Հնչակեաններու կողմէ Մարտիկեան, Արզումանեան եւ Տաշիրեան, իսկ Վերակազմեալ Հնչակեաններուն կողմէ` Արզուեան, Վահան Շահրիման եւ Վահրամ Գրիգորեան, որոնք կը գտնուէին Միացեալ Կեդրոնական Վարչութեան կազմին մէջ։ Հին Հնչակեաններուն թաքուն նպատակն էր Վերակազմեալներու շարքերը իրենց միացնել, իրենց
280
գործին չեկած Վերակազմեալ պետերը հեռացնել եւ հին ձեւով ըմբռնուած սոցեալ-տէմոքրաթ Հնչակեան Կուսակցութիւնը միացեալ ուժերով վերահաստատել։ Այս նենգամիտ տրամադրութիւնները պատճառ կ’ըլլան որ միացեալ Կեդրոնական Վարչութեան Վերակազմեալ անդամները հարկադրուին իրենց հրաժարականը ղրկել Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան, խնդրելով որ ան ուրիշ ընկերներ ղրկէր իրենց տեղ։ Շրջանային Վարչութիւնը իբր լիազօր քննիչ Լոնտոն կը ղրկէ Գարեգին Չիթճեանը, որ յետ մանրակրկիտ քննութեան, վարչութեան հին Հնչակեան անդամներուն յանցապարտութիւնը փաստող տեղեկագիր մը կ’ուղղէ Ամերիկայի իր ընկերներուն եւ միւս կողմէ կը յաջողի համոզել Լոնտոնի իր երեք ընկերները որ հրաժարականնին ետ առնեն։ Չիթճեան ապա կը մեկնի Պուլկարիա, մտադիր ըլլալով յետոյ անցնիլ Կովկաս, լուսաւորելու համար այդ շրջաններուն հին եւ վերակազմեալ շարքերը` պատահած երկպառակութեան իսկական պատճառներու մասին, մինչ միւս կողմէ, ԱրզումանեանՍապահ Գիւլեան դաւադիր խմբակը, թունալից նամակներով կը գրգռեն իրենց Կովկասի ընկերներէն ոմանք, եւ Չիթճեան, 1903 Յունիս 12ին, Օտեսայի մէջ կը սպաննուի` տեղական անգէտ, միամիտ Հնչակեաններու ձեռքով։ Չիթճեանի Ամերիկայէն մեկնելէ քիչ յետոյ, Մխօ-Շահէն, զգալով Չիթճեանին սպառնացող վտանգը, կը փութայ Ամերիկայէն երթալ Կովկաս, իր ընկերը պաշտպանելու. ա՛ն ալ Փօթիի մէջ, Չիթճեանէ առաջ, 1903 Մարտին, լոնտոնեան դիւային պետերու զրպարտութիւններէն խաբուած Հնչակեաններու դանակի հարուածներուն տակ կ’իյնայ...։ Սապահ Գիւլեան - Արզումանեան խմբակը, կայէնական այս սոսկալի ոճիրները բաւական չհամարելով, ծրագրած էր սպաննել տալ նաեւ` Վերակազմեալ պարագլուխներէն եւ նոյնիսկ անոնց բարեկամ ու համախոհ անկուսակցական ծանօթ մտաւորականներէ 13 հոգի (որոնց կարգին նաեւ Ապահ)։ Մխօ-Շահէսի եւ Չիթճեանի սպանումը ահագին զայրոյթ յառաջ կը բերէ, ու նոր ոճիրներու շարքի մը որոշումը կը գերագրգռէ այդ զայրոյթը։ Եւ ահա օր մը, Լոնտոնի մէջ անծանօթ ձեռքեր կը սպաննեն` հին Հնչակեան կեդրոնի անդամ Սագունին եւ երկու երիտասարդ Հնչակեաններ` Համր եւ Որսորդ, քիչ յետոյ Ժընէվի մէջ Նազարբէկ եւ Ամերիկայի մէջ Սապահ Գիւլեան կ’ենթարկուին մահափորձի։ Այդ փոխ-վրէժի քստմնելի արարքները եւ անոնց պատճառ եղող Չիթճեանի ու Մխօ-Շահէնի անխիղճ խողխողումը, արդիւնք էին` հին Հնչակեան պետերու մռայլ ինքնամոլութեան, որուն անմեղ զոհերուն մէջ պէտք էր հաշուել նաեւ Համրն ու Որսորդը, երկու անձնուէր դեռատի յեղափոխականներ, զոր վրիժառուն հաւանօրէն շփոթած էր Սապահ Գիւլեանի եւ Արզումանեանի հետ։ Լոնտոնեան փոխ-վրէժի արարքները գէթ սա՛ հետեւանքը կ’ունենան որ 13 նոր սպանութեանց ծրագիրը մէկդի կը դրուի։ Վերոյիշեալ եղբայրասպան ոճիրներուն զուգընթաց, տեղի կ’ունենան նաեւ ուրիշներ. ինչպէս Պոլսոյ մէջ, ազգասէր ու բարեգործ Տիգրան Գարակէօզեան, Թաւշանճեան, Աբիկ Ունճեան, Իսահակ
281
Ժամհարեան եւն։ Այդ ոճիրները նոր օղակ մը կ’ըլլան երկար եւ տխուր շղթայի մը այդօրինակ արարքներու զոր հայ յեղափոխական մտայնութիւնը ի գործ կը դնէ, ռուս կամ մակեդոնական տեռօրիզմի մեթոտներուն հետեւելով, թէ՛ հին Հնչակեան, թէ՛ Դաշնակցական ոլորտներուն մէջ, արարքներ որոնցմէ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը որոշած էր հրաժարիլ, բայց որոնց յետոյ ինքն ալ կը դիմէ դժբաղդաբար։ Այդ յեղափոխական մտայնութիւնը ո՛չ միայն ապացուցուած մատնիչներու պատուհասումը իրեն ազգասիրական պարտականութիւն կը համարէր, այլ եւ ազատագրական պայքարը լիովին մղելու միջոցները ձեռք ձգելու համար` այդ Սուրբ Գործին կամովին օգնել չուզող ոեւէ հայ հարուստ սպաննելով` սարսափ ազդելն ու ահաբեկուած միւս հարուստներէն դրամ ստանալը, յեղափոխութեան համար անհրաժեշտութիւն եւ այս վերջնոյն վարիչ մարմիններուն համար տեսակ մը իրաւունք կը նկատէր։ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը` Լոնտոնի տրամէն ալ յետոյ, կը շարունակէ կազմել գաղափարական ու մարտական ուժ մը, թէ՛ երկրին մէջ, եւ թէ՛ մանաւանդ գաղութներու, մասնաւորապէս ամերիկահայ գաղութին մէջ, ուր ատեն մը կ’ըլլայ ամէնէն հզօր կուսակցութիւնը։ Արդարեւ ցաւալի է հաստատել թէ այդ կուսակցութիւնը որ բաւական մեծ ուժ մը կը ներկայացնէր, ո՛չ կրցաւ միւս հայ կուսակցութեանց հետ միացումը յաջողցնել (որուն մէջ ինք յանցանք չունէր), ո՛չ ալ ինքը գոյացնել իր համախմբած հոգեկան ուժերուն հետ` նիւթական կարեւոր զօրութիւն մը, որպէսզի կարող եղած ըլլար ձեռնարկել իր էական ծրագրին գործադրութեան` որ էր կիլիկեան ապստամբութիւնը։ Այդ կուսակցութեան ղեկավար շարքերը լուրջ ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն երկրին մէջ, հոն գտնուող իրենց ընկերներուն ձեռքով, ու նաեւ եւրոպացի հայասէր սպայի մը միջոցով, ապագայ ապստամբութեան իբր նախապատրաստութիւն։ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան ծրագիրը կը մնայ ծրագրի վիճակին մէջ, որովհետեւ ի վերջոյ այդ կուսակցութիւնը ինքն իր մէջ ալ կը պառակտի եւ կը բաժնուի երկու հատուածի` Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ11։ Թէեւ իրարմէ զատուած ու իրարու հետ վէճի մէջ, Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան երկու հատուածները, մեծ պատերազմի ատեն` երկուքն ալ միշտ միեւնոյն դիրքը կը բռնեն մեր ազգային դատին վերաբերեալ հարցերուն մէջ։ 1920ին, Փարիզի մէջ, Արշակ Չօպանեանի առաջարկով, այդ երկու հատւածները միացնելու համար առաջին աշխատութիւն մը կը կատարուի, եւ 1 Հոկտեմբեր 1921ին, Պոլիս կայացած համագումարի մը մէջ, այդ երկու հատուածներու պատուիրակները կ’իրականացնեն այդ միացումը, որուն հետեւանքով կը կազմուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որ անկէ ի վեր միաձոյլ եւ համերաշխ կը գործէ եւ արտասահմանի հայութեան ամէնէն լուրջ եւ արդիւնաւոր քաղաքական գաղափարաբանութեան կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ։
282
Զէյթունցիի գիրքը 1900ին, Վիեննայի Մխիթարեանց Տպարանէն լոյս կը տեսնէ Զէյթունցի ծածկանունին տակ` զէյթունցի պատուելի Մնացական Սէմէրճեանի Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն անուն գրքին Ա. հատորը. իսկ 1903ին Փարիզի մէջ կը տպագրուի գրքին Բ. հատորը, որ մասնաւորաբար կը շօշափէ Զէյթունի 1895ի անցքերը։ Այս վերջին հատորը որ կ’ընդգրկէ Զէյթունի ժամանակակից դէպքերը, դժբաղդաբար կը պարունակէ շատ մը անճշդութիւններ, թուականի սխալներ, եւն, որոնք արդիւնք են գլխաւորաբար հեղինակին` 1895ի ապստամբութեան միջոցին Զէյթունէն բացակայութեան եւ սխալ աղբիւրներու վրայ հիմնուելուն12։ Մենք կատարած ըլլալով պատշաճ ուղղումները մեր ներկայ աշխատութեան ընթացքին, այս եւ ասոր նման ուրիշ հեղինակներու երկերուն մասին, ստորեւ կու տանք իբրեւ արժէքաւոր արձանագրութիւն, Ապահի արդար վրդովումը արտայայտող հետեւեալ «Բաց նամակ»ը, որ հրատարակուած է` Աղեքսանդրիոյ Ազատ բեմ շաբաթաթերթի 12 Սեպտեմբեր 1903ի թիւին մէջ։ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ Առ Բարթողիմէոս վրդ. Թաքաճեան Աղեքսանդրիա Սիրելի վարդապետ, «Զէյթունցի»ի մը անուան տակ լոյս տեսած Զէյթուն գրքի Բ. հատորը` վերջերս ձեռքս անցնելով կարդացի։ Սրտանց պիտի շնորհաւորէի մեր հերոսներու երկրին մասին լոյս տեսած հայերէն այս պատմութեան հեղինակը եթէ անոր մէջ գտնէի ուղղամիտ, անաչառ եւ ճշմարտախօս պատմագրի մը ազնիւ ոգին։ Յիշեալ պատմութիւնը, ինչպէս գիտէք, կը նկարագրէ 1895ի մեծ պատերազմին պատճառները, վեց յեղափոխականներու երեւումը ու անոնց ենթադրեալ հարցաքննութիւնը, ապստամբութեան պատրաստութիւնը, եւն, եւն. յաւելուածով մը հանդերձ։ Յաւելուածէն դուրս, պատմութեանը միւս շատ մը մասերը` ինծի հետաքրքրաշարժ երեւցան, չըսելու համար ծիծաղաշարժ։ Արդ, սիրելի Հայր սուրբ, դուք որ գործին սկիզբէն եթէ մեզի չափ տեղեակ չէք մեր ըրած կանխապատրաստութեանց եւ այլ կարեւորագոյն գործերուն*, գէթ մեզի հետ ծանօթանալնէդ վերջը եղած դէպքերուն` ամէնքին ալ տեղեակ լինելու էք` մինչեւ մեր վերջին «մնաք բարով»ը։ Ուրեմն, մեծ մասամբ իբրեւ գործին տեղեակ մէկը, հրապարակաւ կոչում կ’ընեմ Ձեզ, * Այս խօսքը կ’ըսեմ, որովհետեւ` ձեր լեռներուն ու կիրճերուն մէջ հաստատուելնէս եւ երկրին հետ նախօրօք ունեցած կապերնիս ա՛լ աւելի ամրապինդ հիմերու վրայ դնելնէս շատ ժամանակ վերջն էր որ, մեզի հետ յարաբերութեան մտաք։ Այնպէս չէ՞։ Ծանօթ նամակագրին
283
որ յանուն արդարութեան, յանուն Ձեր Սրբազան պաշտօնին, յանուն վերջապէս` այն սուրբ ու նուիրական խաչին որ շատ անգամներ Ձեր կրծքին վրայ կրած էք եւ զոր յաճախ հաւատքով լի համբուրած եմ զայն, փութաք հետեւեալ պահանջներուս խղճմտօրէն գոհացում տալ հրապարակաւ։ 1. Ծանօթ գրքին հեղինակը, որ կը ճանչնամ, 1895ի դէպքերուն ժամանակ, ներկա՞յ էր մեր մէջ թէ բացակայ13։ 2. Պարոն Աղասիի եւ իւր ընկերներուն վերագրուած երեւակայական հարցաքննութիւնը ճշմարի՞տ է թէ շինծու։ 3. Գօճաեան Յարութիւն աղան, ատենապետութեան հանգամանքով կամ ոչ, որեւէ պարագայի տակ, ըրա՞ծ է այն տեսակ ճոռոմաբանութիւններ` ինչ որ գրած է պատմութեան բանաստեղծ հեղինակը։ 4. Պատմութեանը մէջ նշանակուած նշանաւոր դէպքերուն, կռիւներուն եւ պատերազմներուն օրերն ու թուականները, ճի՞շդ են թէ սխալ։ 5. Թէ ի՞նչ էին այն վեց յեղափոխականներուն ունեցած «շատ մը թերութիւնները», մի առ մի բացատրեցէք եւ կամ հերքեցէք։ 6. Բարոյական ի՞նչ մեծ կապերով կապուած էր քաջարի ժողովուրդը յեղափոխականներուն հետ, եւ այն միեւնոյն ժողովուրդը վերջին պահուն եւս նոյն կապը հաստատող` քանի՞ հազար ստորագրութեամբ հանրագրով մը իրաւունք տուաւ եւրոպական ներկայացուցիչներուն հետ բանակցելու. այդ հանրագիրը որո՞նց համար եւ որո՞նք ստորագրեցին պայմանները Զէյթունի իշխաններուն հետ։ Մէկ կողմ թողլով ուրիշ շատ մը հարցումներ, որոնք ինչ ինչ քաղաքական նկատումներով հարկ չեմ համարեր երեւան բերել, այլ` միայն եւ միմիայն ըրած այս վեց հարցումներուս` կտրուկ եւ ճշգրիտ պատասխանները կ’ուզեմ։ Հետեւաբար, թուականէս սկսեալ մինչեւ մէկ ամիս պայմանաժամ, եթէ կարողացաք Ձեր սրբազան պաշտօնին եւ կոչմանը համաձայն պատասխան տալ` լաւ, եթէ ոչ` ես իմ ընկերներով կամ գէթ անձնապէս, չպիտի վարանիմ պէտք եղած ճշմարտութիւններն երեւան հանել` ի գիտութիւն յարգելի հայ հասարակութեան։ Ընդունեցէք, Հայր սուրբ, իմ անկեղծ յարգանացս հաւաստին։ 9 Սեպտ. 1903, Գահիրէ ԱՊԱՀ Այս «Բաց նամակ»ը կը մնայ դժբաղդաբար անպատասխանի, քանի որ Բարթողիմէոս վրդ. նախ չունէր ձեռնհասութիւնը եւ երկրորդ չէր կրնար Ապահի յուզող հարցերուն հակառակը փաստել, քանի որ ինքն էր մին` Սէմէրճեանի անկարող տեղեկատուներէն։ Հետեւաբար իր պահած լռութեամբ համաձայն կը գտնուէր հաստատելու Ապահի կատարած պատմական ճշդումները։ «Յանուն արդարութեան եւ ապագայ պատմութեան» Ապահի վեր առած կէտերը ուրեմն կու գան երեւան հանել գրքի հեղինակին բռնած միակողմանի դիրքը եւ անարդար վերաբերումը` իր ծննդավայրին հետ աղերս ունեցող պատ-
284
մական իրողութեանց եւ այդ դէպքերուն մէջ գործօն դեր ստանձնող անձերու հանդէպ։ Եւ ասիկա շատ բան կը պակսեցնէ գրքին իսկական արժէքէն։ Զէյթունցիի վերոյիշեալ հատորը պատճառ կ’ըլլայ որ յետագային այդ նիւթին մասին գրուած ուրիշ հեղինակութիւններ եւս առաւելապէս օգտուին եւ հիմնուին միեւնոյն սխալ տեղեկութեանց վրայ, ինչպէս Սմբատ Բիւրատի Ազատութեան համար. Զեթունի վրէժը երկարաշունչ վէպը, Մամիկոն Վարժապետեանի Յուշիկք Զէյթունին (որ ինքնին զէյթունցի Կարապետ Տ. Յակոբեանի յուշագրութիւնն է), Գրիգոր Գալուստեանի Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն ընդարձակ հատորը, եւն, բոլորն ալ առաւել կամ նուազ չափով խեղաթիւրուած, հեռու են դժբաղդաբար Զէյթունի 1895ի դէպքերը հարազատօրէն պատկերացնելէ։
Ապահի Պատասխանատուները 10 Մարտ 1906 թուականով, վերոյիշեալ խորագրին տակ, Ապահ Գահիրէի մէջ կը հրատարակէ ուրիշ «Բաց նամակ» մը, ուղղուած «Բոլոր Հնչակեան ազնիւ զինուորներուն», Հնչակեան շարքերու երկպառակութեանց եւ այդ օրերուն կատարուած եղբայրասպան ոճիրներուն առթիւ։ Այս 14 էջերէ բաղկացեալ պրակը, որ «ձրի» բաշխուած է իր ատենին, կը բաղկանայ 13 հատուածներէ, եւ ունի ուշագրաւ պարունակութիւն։ Անոր մէջ, հեղինակը սեղմ տողերով ջանացած է տալ մէկ տխուր պատկերացումը այդ շրջանի կուսակցական հակամարտութեանց, ու դառնացած սրտով կը թուէ պատճառները Հնչակեան Կուսակցութենէն հեռանալուն։ Ջանանք ամփոփել` այդ պրակին մէջ Ապահի արտայայտած գաղափարները։
Ա. Կեղծ հայրենասէրը։ Ժամանակէ մը ի վեր, - կը սկսի Ապահ իր «Բաց նամակ»ը, - Վերակազմեալ Հնչակեան դրօշին տակ սպրդած կարգ մը ինքնակոչ եւ իրենք զիրենք Հնչակեան բանակին առաջնորդ ցոյց տուող ու այս անունով հրամաններ, սպառնալիքներ ղրկող եւ դաւադրութիւններ ու ոճրագործութիւններ սարքող նորելուկ խմբակին ընթացքը ուրիշ բանի չի ձգտիր բայց եթէ Հնչակեան շարքերը իր ներքին հաշիւներուն եւ կռիւներուն ծառայեցնելու եւ կուսակցութեան նուիրական դրօշակը եղբայրներու արեան մէջ ներկելու։ Հայրենասիրական կեղծ դիմակին տակ, Հնչակեան նորելուկ առաջնորդները փոխանակ լուրջ եւ շրջահայեաց գործերով, ազգին ընդհանուր համակրութիւնը եւ վստահութիւնը շահելու, ընդհակառակը հայութեան զզուանքին կ’արժանանան` իրենց պառակտիչ ու եղբայրասպան դաւադրութիւններովը։ Բ. Վերյիշումներ մօտաւոր անցեալէն 1. Հնչակեան հերձուածը։ Երբ խումբ մը ընկերներ, արեան ծովերէն ու կրակի օղակներէն անցնելով, օր մը քով քովի
285
եկանք14, այն ատեն մտածեցինք թէ ի՞նչ կերպով պէտք էր այնուհետեւ աշխատիլ` նոր սխալներ չգործելու համար։ Ծրագիրները պատրաստեցինք ու սկսանք գործադրել։ Բայց ահա գծուած ուղղութիւն, ծրագրուած միջոցներ քանի մը տարի ետքը խանգարուեցան` ա՛յն կարգ մը բախտախնդիրներուն ձեռքով, որոնք դաւադրական նպատակներով մեր մէջ յաջողած էին սողոսկիլ։ 2. 30 Ապրիլ 1903 թուակիր Շրջաբերականը։ Մենք, Գահիրէի ընկերներս, անդրադառնալով այդ խումբին ազգավնաս ընթացքին, ու արդէն կատարուած չարիքներէն նախագուշակելով դեռ կատարուելիքները, փութացինք` կարեւոր ու անկեղծ ընկերներէ ստորագրուած` 1903 Ապրիլ 30 թուակիր շրջաբերականներ ուղարկել Հնչակեան բոլոր մասնաճիւղերուն, անոնց պարզելով վտանգաւոր դերակատարներու ընթացքը, եւ զգուշացնելով զանոնք պատահելիք չարիքներէն։ Դերակատարները սակայն, մեր գրած շրջաբերականներուն հանդէպ չքնացան։ Իրենց յատուկ ճարպիկութեամբը բոլոր մասնաճիւղերուն անմիջապէս գրեցին որ իրենց հասցէներուն ուղարկուած շրջաբերականները պատռեն, զանոնք առանց տեղական ընդհանուր ժողովոյ առջեւը հանելու...15։ 3. Հեռացում Հնչակեանութենէ։ Այդ շրջաբերականը ղրկուած մէկ օրէն, նորամուտ խմբակը եւ մէկտեղ քանի մը արբանեակներ մեզի դէմ դիւային զայրոյթով լեցուած, հեռատեսութեան ազդարար ձայնը պապանձեցնել ջանացին, ինչպէս եւ լսուած բոլոր բողոքները խեղդել, մինչեւ որ մենք ալ խորին զզուանքով լեցուած մէկ կողմ քաշուեցանք։ Ահա՛ թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հեռացանք Հնչակեան շարքերէն։ 4. Ունճեանի սպանութիւնը եւ հայ հարուստներու գրուած սպառնագրերը։ Մեզի դէմ այդ խմբակին մոլեգնութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ հայ հարուստներուն գրուած դրամաշորթութեան սպառնալիքները անյաջող արդիւնք ունեցան։ Ազգային Բարերար ծերունի Աբիկ Ունճեանը գնդակահար սպաննելէ յետոյ16, անոր արեան գինը Եգիպտոսի հայ հարուստներէն պահանջելու համար Պոլսէն տեղացած սպառնական նամակներուն առթիւ, մենք մեր պարտականութիւնը անգամ մը եւս կատարեցինք։ Այն ատեն այդ խմբակը առաւել եւս սկսաւ փրփրիլ, կատաղիլ ու նոյնիսկ եղբայրասպանութեան փորձերու դիմել...։ Երբ այդ փորձերէն ալ յուսահատ եւ ամօթապարտ մնացին, այս անգամ ալ սկսան մեր անուններուն շուրջը դառնալ ու մեր անձերը բարոյապէս սպաննելու հետամտիլ։ 5. Տօքթ. Դաւիթեանի զաւկին անյայտացումը։ Իրենց հրէշային զրպարտութեանց մէջ մինչեւ իսկ չամչցան մեզի վերագրել Տօքթ. Դաւիթեանին 14 տարեկան տղուն մահը, եւ լրբաբար ուզեցին վկայ ցոյց տալ պատանի մը որ ասկէ 12 տարիներ առաջ 5 տարու մանուկ մ’էր։
286
Վկա՞յ կ’ուզեն. ճշմարիտ վկաներ են Պ...17 գիւղի այդ մարդիկը որոնք ձուկ որսալու համար այն գետակին18 մօտ կը գտնուէին ուր տղան լողալ փորձած ատեն խեղդուեցաւ։ Անոնց աղաղակներուն խառնիճաղանճ ձայները հեռուէն լսելով, խմբովին գացինք, տղուն հայրը` Տօքթ. Դաւիթեանն ալ միասին, տեսնելու թէ ի՞նչ կար։ Հո՛ն իմացանք թէ տղան, լողալու համար ապառաժին վրայէն ջուրին մէջ ցատկած էր ու ալ չերեւցած։ Այս ճշմարտութեան համար մէկէ աւելի վկաներ կը գտնուին, նոյնիսկ արտասահման, որոնք այն ատեն մեր խումբին մէջն էին19։ Գալով Տօքթ. Դաւիթեանի եւ ուրիշի մը20 մասին ըրած «յայտնութիւններուն», իրողութիւնները չարամտութեամբ հիմնովին այլափոխած են, այդ սպանութիւնները մեր անձերուն վերագրելու համար։ Այդ գործողութիւնները կատարուած են` երկրին մէջ գտնուող տեղական Հնչակեան Վարչութեանց տուած որոշումներուն համաձայն եւ իրենց ձեռքերով իսկ։ Եթէ մանրամասնութիւններ հրատարակել ուզէինք, այն ատեն այդ զրպարտիչ ու աղտոտ խմբակին պէս մենք ալ վատութիւն ու մատնութիւն ըրած պիտի ըլլայինք` վտանգելով կարգ մը անձնուէր մարդոց անունները եւ քաղաքները։ Այսօրուան այդ ամբաստանիչները ո՞ւր էին 12 տարիներէ ի վեր, երբ Հնչակեան երկու ընդհանուր ժողովները21, որոնք կուսակցութեան ամէն գործերը մանրամասնօրէն քննած էին, մեզի ամենակարեւոր պաշտօններ կու տային, մեզի՛ միանգամայն Կեդրոնի անդամ ընտրելով։ Ո՞ւր էին այդ ամբաստանիչները, երբ Եգիպտոսի մէջ իսկ մեզի հետ կը գործէին։ Մենք իրենց դէմ կանգնեցանք մեր պարտականութիւնը կատարելու համար` 30 Ապրիլ 1903 թիւ Շրջաբերականով. իսկ իրենք ինչո՞ւ իրենց «պարտականութիւն»ը կատարելու համար, երեք տարի եւս22 սպասեցին լուռ ու մունջ, մինչեւ ա՛յն օրը երբ շանթահար գրութիւն մը զիրենք լեղապատառ ըրաւ եւ իրենց նորանոր եղեռնագործութիւնները հրապարակեց։ Եթէ Եգիպտոսի հարուստներէն իրենց ակնկալած 60,000 ոսկիները գրպանէին, անշուշտ ո՛չ գետը խեղդուած տղայ մը միտքերնին պիտի գար եւ ո՛չ ալ Տօքթ. Դաւիթեանի եւ ուրիշի մը վրայ արցունքներ պիտի թափէին, երբ դեռ ազգին աչքերուն առջեւ երկնցա՜ծ, փռուա՜ծ կը մնար տաք դիակը Ունճեան Աբիկին։ 6. Մխօ-Շահէնի սպանութիւնը։ Նոյն մարդիկը չէ՞ին որ Շահէնի պէս կտրիճ մը որ ամենուս պաշտելի ընկեր մըն էր, երկիր ուղարկելու նպատակաւ Ամերիկայէն Եգիպտոս բերել տուին, ու երբ ան հոս տեղեկանալով թէ ասոնք ներքին ուժ մը չունէին, եւ հետեւաբար ինքը երկրին օգտակար չէր կրնար ըլլալ, ընդվզեցաւ իրենց դէմ եւ բողոքեց իրենց ձեռնարկներուն համար...։ Ինք` Շահէնն ալ իր մահավճիռը ստացած էր...։ Օրին մէկը, Շահէնին անմեղ սիրտը վարպետութեամբ սիրաշահելով, որոշեցին զինքը Ռուսաստան ղրկել. ինչո՞ւ, ան ի՞նչ բանի օգտակար պիտի կրնար ըլլալ տեղ մը` ուր կուսակցական կիրքերը գրգռուած` արի՜ւն կը հոտէր։ Ես եւ ուրիշներ արգիլել ուզեցինք որ չերթայ, բայց Շահէն արտասուալից աչքերով պատասխանեց. - Ընկերնե՛ր, գիտեմ թէ ի՞նչ խնդիրներ կ’անցնին կը դառնան մեր սիրած գործին շուրջը, սակայն այս անօրէնները կրնան վաղը անունս սեւցնել Ամերիկայի ընկերներուս առջեւ։ Ես իմ արժանապատուութիւնս պահելու համար, գիտակցաբար ինքզինքս մահուան մէջ պիտի
287
նետեմ, վե՛րջ տալու համար այս յուսահատ կեանքիս...։ Լռե՜ց...։ Գնաց Շահէնը, ու արդարեւ ամիսներ յետոյ իր յուսահատ կեանքը վերջ գտած էր։ Նոյն վճիռը տրուած չէ՞ր միթէ` անձնուէր երիտասարդ Սմբատ Ռստիկեանի (Կռունկ) եւ այլոց, որոնք նախապատիւ համարեցին Ամերիկա վերադառնալ քան դաւադիրներու խմբի մը հաշիւներուն զոհ երթալ։ 7. Արփիարեանի մահափորձը։ Արփիար Արփիարեանը սպաննելու համար Եգիպտոսէն Վենետիկ տէռօռներ ղրկողները միթէ ասոնք չեղա՞ն։ Ինչո՞ւ, ի՞նչ կ’ուզէին այս երեսուն տարուան ազգային գործիչէն։ Յիշեալ անձը թէ՛ 1896ին եւ թէ՛ 1898ին Հնչակեան երկու ընդհանուր ժողովներէն Կեդրոնի անդամ ընտրուած ըլլալով, ինքնաբերաբար հրաժարական տուած ու պահանջած էր որ Կեդրոնին համարատուութիւնը Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուի ըստ օրինի։ Այս արդար եւ օրինաւոր պահանջումին վրայ զինքը սպաննել ուզեցին, որպէսզի անոր հրապարակ նետած տօլանտրճիութեան ամբաստանութիւնը կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովին մէջ չքննուի, զի այդպէսով շատ մը ուրիշ յայտնութիւններ ալ երեւան պիտի գային, ու այդ նորամուտ խմբակը կուսակցութեան կողմէ պիտի հալածուէր ու ջախջախուէր։ 8. Ուրիշ սպանութիւններ եւ մահափորձեր։ 1895ի վերջերը, Կ. Պոլսոյ Հնչակեան Վարչութեան կնիքը եւ դրամը ձեռք անցնելու համար` Ս...ն23 խեղդելու փորձողը նորամուտ խմբակին պետերէն մին24 չէ՞ր, որուն կրնան վկայել 1896ին Լոնտոնի մէջ գումարուած Հնչակեան Կուսակցութեան Ա. Ընդհանուր Ժողովոյ բոլոր պատգամաւորները...։ Ռուսաստան եղած կարգ մը սպանութիւններ (ինչպէս անմահն Չիթճեանինը), Պոլսոյ, Լոնտոնի, Ժընէվի եւ Ամերիկայի կարգ մը քաղաքներուն մէջ կատարուած մահափորձերը եւն, ամէնքն ալ այդ նորամուտ խմբակին դաւադրութեանցը հետեւանքները չե՞ն միթէ` ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով։ Եւ հարուստներէն դրամ շորթելու համար ուղարկուած սպառնական նամակները պիտի չյանգէի՞ն միթէ արտասահմանի մէջ գտնուող կարգ մը հայ հարուստներու սպանութեանը, վասնզի եթէ չսպաննէին, ինչո՞ւ ուրեմն այդ սպառնալից նամակները, որոնց տրուելիք կարեւորութիւնը աւելի եւս շեշտուելու համար տեղի կ’ունենար Ունճեանի սպանութիւնը, այդ նամակները փօսթին յանձնուելէ հազիւ երկու օր առաջ...։ Գ. Պատասխանատուները։ Ահա՛ մեր յեղափոխական կազմակերպութեան տխո՜ւր անցեալը, տխուր ներկան, որ աւելի տխուր ապագայ մը կը սպառնայ։ Դառն հառաչանքներով ու կսկծալիր սրտով կը գրեմ այս տողերը։ Մեր յեղափոխական վէրքերուն վրայ նշդրակը պէտք է բո՛ւն տեղին զարնել եւ փտած ու ապականած մասը զատել։ Դաւադիրները մութին մէջ կը գործեն, իսկ մենք ամէն ժամանակ ակներեւ հրապարակ իջած ենք, մեր անուններովը խօսա՛ծ, գրա՛ծ, գործա՛ծ,
288
բողոքա՛ծ, մեր ամէն ըրածին պատասխանատուութիւնը հրապարակաւ ստանձնելով։ Թո՛ղ կազմուի գերագոյն ատեան մը` դատաստանական մարմին մը` անկողմնակալ եւ վստահելի անձնաւորութիւններէ բաղկացած, մենք պատրաստ ենք անգամ մը եւս մեր հաշիւները ներկայացնելու ու մեզի դէմ անդիմակ ամբաստանիչներու հետ երես առ երես գալու։ Դ. Հայրենասէր ոգին։ Ես եւ ուրիշներ, 10-12 տարիներ առաջ գործօն զինուորներ էինք մեր հայրենի հողին վրայ, ամէնքս ալ այդ երկրին համար զոհուելու միշտ կազմ ու պատրաստ։ Մեր տառապեալ եղբայրներուն հետ ապրեցանք, անոնց չարչարանքներուն ցաւակից, մէկտեղ գործեցինք, կուրծք տուինք մեծազօր բանակներու, մահուան ընդառաջեցինք, մինչ թուրքին գնդակները մեր ականջներուն սուլեցին առանց մեր սիրտը մխուելու, եւ թնդանօթի ռումբերը մեր գլուխներուն վրայէն անցան առանց զանոնք փշրելու։ Ուրիշներ մեր քովը ինկան, դիպուածը մեզ ապրեցուց. քայլ մը առաջ կամ քայլ մը ետեւ` եւ ահա մահը իր գործը պիտի տեսնէր։ Բայց վերջապէս մահուան աչքէն փախչելու համար չէր որ իրեն դէմը կ’երթայինք։ Ե. Փորձառութեան դասը։ Ապրեցանք, բայց լաւագոյն բան մըն ալ ըրինք – բա՛ն սորվեցանք. պատերազմելէ աւելի դժուարին քաջութիւն մը ունեցանք – ինքզինքնիս սրբագրելու քաջութիւնը։ Այո՛, անցեալին մէջ հայրենասիրութիւնը իր բուն նպատակին գործածեցինք։ Ո՛չ շահախնդրութիւնը, ո՛չ անձնական հաշիւներն էին որ մեզի ազգային ճակատամարտներուն առաջնորդեցին, այլ փորձեցինք, ըրինք ինչ որ կրնայինք, ու մեր ուժերը դիմացան այնքա՛ն որքան կարելի էր։ Բայց ազգովին ստեղծուած ուժէ աւելի յոյսերու կռթնած գործեցինք. կը յուսայինք թէ քիչ մը շարժում եւ քիչ մըն ալ արիւն բաւական պիտի ըլլային եւրոպական պետութեանց անմիջական միջամտութիւնը հրաւիրելու. սակայն մեր յոյսերուն մէջ չարաչար խաբուած ու սխալած էինք։ Մեր ուժին չափը ճանչցանք, մեր դարաւոր թշնամին ուսումնասիրեցինք ու եւրոպական տէրութեանց քաղաքականութիւնը ըմբռնեցինք։ Գիտցա՛նք թէ ազգ մը յոյսերով, փորձեր ընելով չէ՛ որ իր ազատագրութիւնը ձեռք կը բերէ, այլ ներքին պատկառելի ուժի մը կազմութեամբ, խորագէտ քաղաքականութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական կրթութեան շնորհիւ` ինքզինք պատրաստելով պետականութեան ու քաղաքական հասունութեան։ Զ. Ազգային Ընդհանուր Միութեան մը կազմութեան նախօրեակին։ Ընդհանուր Միութեան մը անխուսափելի հարկին մէջ կը գտնուինք այսօր, պէտք է միանա՛նք, պէտք է ի մի՛ ձուլուինք` ստեղծելու համար միա՛կ զանգուած մը, միա՛կ մարմին մը։ Թո՛ղ աներեւոյթանան անոնք որ երկպառակման աղէտը միշտ ազգին գլխուն վրայ պահել կ’ուզեն։ Թո՛ղ կոտրտին այն գրիչները որոնք թէեւ յեղափոխական գաղափարները տարածելու կոչուած են, բայց յեղափոխականը յեղափոխականին դէմ զինելու կ’աշխատին։ Թո՛ղ խորտակուին այն սուրերը որոնք յեղափոխութեան յաղթանակին համար գնուած, բայց
289
յեղափոխական զինուորները կը յօշոտեն ու ազգին բարերարները կը մահացնեն։ Ահա՛ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ` երբեմնի Հնչակեան հրամանատար Ապահի հեղինակաւոր «Բաց նամակ»ը ուղղուած «Հնչակեան բանակի զինուորներուն», որուն կցեցինք նաեւ մեր կողմէ յաւելուածական նօթեր ու բացատրութիւններ։ Ընթերցողը այս արտագրութեան մէջ պիտի գտնէ մոռցուած շա՜տ մը իրողութիւններ որոնք ժամանակին խեղաթիւրուած, խծբծուած կամ անծանօթ մնացած են։ Վերոյիշեալ պրակին լոյս տեսնելէն ամիս մը վերջ, այսինքն 15 Ապրիլ 1906ին, Գահիրէի մէջ կը հիմնուի Հ.Բ.Ը.Միութիւնը` Պօղոս Փաշա Նուպարի նախագահութեան տակ, ինչ որ մեր վերեւ կատարած մէջբերումները կու գան հարազատօրէն պատկերացնել` օրուան հրամայական պահանջը համազգային այդպիսի միութիւն մը կազմելու համար։ Ապահի այս Բաց նամակը ուրեմն աննպատակ կամ ժամանակավրէպ հրատարակութիւն մը չէր, այլ անոր մէջ արտայայտուած գաղափարները հասունցած ծրագիր մը եւ եղբայրասպան կռիւներու վերջ տալու համար կտրուկ եւ գործնական միջոցներ կը յայտնաբերէին։ Արդարեւ, Ապահի կուսակից նախկին յեղափոխականներ չէին կրնար չհրճուիլ եւ չմխիթարուիլ այն բարերար երեւոյթէն, որ ժողովուրդին ողջամիտ դասակարգը եգիպտահայ մեծատուներուն գլխաւորութեամբ, դատապարտելով հանդերձ կուսակցագար պայքարները, կու գար միեւնոյն եզրակացութեան, եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գաղափարականին մէջ կ’ուզէր գտնել այդ ոճիրներուն վերջ մը տալու ազդու դարմանը գծելով միանգամայն գործնական հայրենասիրութեան ուղին։ Արդարեւ, շահամոլ կուսակցականներու դէմ, պահպանողական կամ աղափաշայական կարծուած այդ նորաստեղծ կազմակերպութեան գոյառութեան եւ կանոնագրին նախնական աշխատութեանց մէջ իր համեստ բաժինը բերողներէն մին եղած էր «կարմիր յեղափոխական»ը` Ապահ։
Գալուստեան Ազգային Վարժարանի վերաշինութիւնը (1907) 1896ի կոտորածներէն յետոյ, Եգիպտոս խուժող հայ գաղթականներու յորձանքը (որ եգիպտահայութեան թիւը 2000էն բարձրացուցած էր մինչեւ 12,000ի), ինչպէս անոնց պատսպարման եւ տեղաւորման, նոյնպէս, զուգընթացաբար բազմացող հայ աշակերտութեան տոհմային դաստիարակութիւն ջամբելու հարցը նոր պահանջներ ստեղծեր էին։ Գահիրէի մէջ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունէր Խորէնեան Ազգային Վարժարանը, կառուցուած 1854ին, վանեցի Կարապետ Աղա Գալուստի (1790-1864) կողմէ, տեղւոյն երբեմնի առաջնակարգ թաղերէն` Տարպ Էլ Կինէնայի մէջ։ 1900ական թուականներուն, Խորէնեանի խարխլած շէնքը իր վատառողջ միջավայրով անգործածելի դարձած էր։
290
1904 Դեկտեմբերին, Տ. Մկրտիչ վրդ. Աղաւնունիի առաջնորդութեան շրջանին, Տիգրան Փաշայի մահէն վերջ, երբ Պօղոս Փաշա Նուպար Գահիրէի Թեմական Ժողովոյ կ’ատենապետէր, ընդ առաջ երթալով այդ յոյժ կարեւոր պահանջին, շուրջ 16,500 եգ. ոսկի (կէս միլիոն ֆրանք) տրամադրելով, կ’ուզէ Գահիրէի հայութիւնը օժտել նոր վարժարանով մը25։ Պօղոս Փաշա իր այդ հիմնարկութեամբ պիտի վերաշինէր` Աղա Գալուստի Խորէնեան Վարժարանը, եւ զայն պիտի ձօնէր Գալուստեանի անուան։ Շէնքին հողը (3203 քռ. մեթր) կը գնուի Մաարուֆ (Պուլագ) թաղին մէջ, կից` ջուրի ընկերութեան կառուցանելու վրայ եղող նոր շէնքին։ Հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 4 Մարտ 1906ին, առաւօտեան ժամը 11ին, նախագահութեամբ Տ. Մկրտիչ Սրբազանի, եւ կը կատարուի մեծավայելուչ հանդիսութեամբ մը, ի ներկայութեան վեհանձն նուիրատուին, օրուան եգիպտական կառավարութեան թէ ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն, եւն.։ Հանդէսի ընթացքին Աղաւնունի Սրբազան, գրաբառախառն ինքնագիր ոտանաւոր մը կը կարդայ26։ Ուրիշ հրաւիրեալներու կարգին, Ապահ եւս, իբրեւ նորակառոյց վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ, իր ստորագրութիւնը կը դնէ մագաղաթեայ այն «Յիշատակարան»ին տակ, որ կը զետեղուի կառուցանելի շէնքին նոր բացուած հիմերուն մէջ (արտաքին մեծ դռան շեմքին)։ Վարժարանի պաշտօնական բացումը կը կատարուի 1907 Սեպտեմբեր 1ին։ Շէնքը արտաքուստ կը զգենու արաբական ոճ, իր ամենապարզ այլ վայելուչ ձեւերուն վերածուած։ Ան կը բաժնուի մանչերու եւ աղջկանց համար զատ-զատ սակայն իրարու կից վարժարաններով եւ ուրոյն շրջափակերով։ Կ’ունենայ երկյարկանի ընդարձակ եւ լուսայորդ դասարաններ։ Մանչերու վարժարանին վրայ մասնաւոր յարկաբաժին մը կը շինուի առաջնորդի բնակութեան համար, յարակից Առաջնորդական դահլիճով։ Մինչ այդ, Պօղոս Փաշայի եւ օրուան Քաղաքական Ժողովոյ առաջարկով, վարժարանի հոգաբարձութիւնը, բաղկացած` Առաքել Պէյ Նուպարէ (ատենապետ), Երուանդ Պէյ Աղաթօնէ (փոխ-ատենապետ), Տօքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանէ (ատենադպիր), Մկրտիչ Պալըգճեանէ (գանձապետ), եւ Ապահէ (խորհըրդական)27 կը կազմէ Յանձնախումբ մը վերոյիշեալներէն, ինչպէս նաեւ վարժարանի օրուան տեսուչ Վահան Քիւրքճեանէ (1905-1907) եւ այլ ձեռնհաս անձերէ28, նպատակ ունենալով մշակել` նորակառոյց վարժարանին համար Ուսմանց յայտագիր-կանոնագիր մը։ Վահան Քիւրքճեան, 1907ի ամառը կը մեկնի Ամերիկա, իբր առաքեալ նորակազմ Հ.Բ.Ը.Միութեան. ան պիտի շրջէր ամերիկահայութեան մէջ եւ Բարեգործականի մասնաճիւղեր պիտի կազմէր։ Քիչ յետոյ պիտի վարէր նաեւ Հայաստանի կոչնակի խմբագրութիւնը։ Քիւրքճեանի տեղ, մէկ տարուան համար, նորակառոյց վարժարանի առաջին տեսուչը կ’ըլլայ` Հարվըրտի համալսարանական` Գէորգ
291
Թուրեան (1907-1908)29։ Ապահի անդամակցած վարժարանի այս Հոգաբարձութիւնը կը պաշտօնավարէ` 1905ի կէսէն մինչեւ 1907ի կէսը, եւ կ’ըլլայ` Գալուստեան Վարժարանը Տարպ Էլ Կինէնայէն Պուլագ փոխադրող, եւ անոր նորակառոյց շէնքին սկզբնական գլխաւոր աշխատութիւնները կատարող վերին մարմինը։ Ան է որ կը կազմակերպէ հիմնադրութեան մեծաշուք հանդէսը, կը հսկէ շինութեանց, կը մշակէ նոր յայտագիր-կանոնագիրը, եւ ի վերջոյ, շինութեանց աւարտումին, գաղութին պատուաբեր եւ վայելուչ այդ կրթական նոր յարկին` Պ. Գէորգ Թուրեանի տեսչութեան տակ դպրոցական տարեշրջանի բացումը կատարելէ յետոյ, անոր մատակարարութեան պաշտօնը կը փոխանցէ` իրմէ վերջ եկող Հոգաբարձութեան։
Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան կազմութիւնը Ապահ նախապէս կը պատկանէր Հնչակեան մայր կուսակցութեան, ապա բողոքող Հնչակեան կամ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան, եւ անկէ յետոյ այս վերջնոյն ձուլումովը, կը յարէր` Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան գաղափարականին։ Վերջին կէս դարու ընթացքին, ժամանակի պահանջներուն համեմատ ազգային քաղաքականութեան կրած ձեւափոխութիւնները չէին կրնար վրիպիլ իր նման մտածողներու ուշադրութենէն, հետեւաբար այդ ձեւափոխութեանց հանդէպ բռնուած ուղղութիւնը գլխաւոր յատկանիշը եղած է Ապահի եւ իր գաղափարակիցներուն։ Ուրիշ խօսքով, անոնց կուսակցական գործունէութիւնը պատշաճեցուելով օրուան քաղաքական պայմաններուն, ու վերաքննութեան, սրբագրութեան ենթարկուելով, յանգած է ազգային առողջ քաղաքականութեան մը, որուն ցայտուն կնիքը կը կրէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։ Ապահ, եթէ ոչ երկուստեք բանակցող լիազօրներէն, այլ անոնց կարեւոր խորհրդատուներէն ու առաջին յարողներէն ըլլալով ուրեմն այդ կուսակցութեան (ինչպէս եղած էր Հ.Բ.Ը.Միութեան կազմութեան ժամանակ), եւ անոր յետագային զոհաբերուող անդամներէն, հարկ կը տեսնենք պարզել թէ ի՞նչ պայմաններու տակ կազմուեցաւ Ռամկավար Կուսակցութիւնը։ Հ.Բ.Ը.Միութեան նման, Ռամկավար Կուսակցութիւնն եւս իր կազմութեան դրդապատճառները, ծագումն ու օրրանը ունեցած է Եգիպտոս։ 1900ական թուականի առաջին տասնամեակին, հայութիւնը, ամենուրէք, այլեւս անդրադառնալ կը սկսի` մեր յեղափոխական կազմակերպութեանց այն չարաղէտ գործունէութեանց հետեւանքներուն, որոնք իրենց վնասակար եւ այլամերժ ուղղութեամբը (սոցեալիստական ծրագրով), ժողովուրդը յուսախաբութենէ յուսախաբութիւն առաջնորդած էին։ Մասնաւորաբար Արմենական Կազմակերպութիւնը, որ մեր յեղափոխական
292
կազմակերպութիւններէն ամենահինն էր (իր օրրանը ունենալով Վան) ու կը հանդիսանար մեր լրջագոյն մարմինը, ձեռնարկներ կ’ընէ` գաղութային կազմակերպութեանց լրջախոհ տարրերուն հետ, որոշ հասկացողութեան մը գալու, եւ այդպէսով յառաջ բերելու զօրաւոր եւ ընտիր ուժ մը, որ իր հեղինակութեամբը կարողանար չէզոքացնել` ժողովուրդը նեղող եւ յեղափոխական գործի մասին անոր հաւատքը սասանող գործունէութեանց վնասակար ազդեցութիւնը։ Այս տեսակէտով արդէն բանակցութեանց կը ձեռնարկուի` Արմենականներու ներկայացուցիչ Գրիգոր Պէօզիկեանի եւ իր կեդրոնը Պուլկարիա ունեցող` Միութենականներուն հետ։ 1907 Օգոստոսին, այդ բանակցութիւնները կը յանգին յիշեալ երկու մարմիններու միութեանը, Գաղափարակցական Միութիւն անունով, իր յատուկ ծրագրովը եւ հիմնական կանոնագրովը։ Այս իրողութիւնը աննշմար չ’անցնիր, եւ Արզուեանէն անկախ եղող Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան Եգիպտոսի մարմինը, 4 Սեպտեմբեր 1907 թուակիր պաշտօնագրով կը փութայ, յանուն նոյն կուսակցութեան, շնորհաւորել կայացած այդ միութիւնը եւ ձեռք բերուած արդիւնքը, ջերմ փափաք յայտնելով որ Վերակազմեալներու իրենց հատուածին հետ եւս միութիւն մը յառաջ բերելու համար ներկայացուցիչներ որոշուին։ Գաղափարակցական Միութիւնը, 12 եւ 15 Հոկտեմբեր 1907 թ. նամակներով կ’ընդունի եղած առաջարկը եւ իր կողմէն լիազօրներ կը կարգէ` Պուլկարիայէն Գրիգոր Պէօզիկեանը (որ այդ նպատակով Եգիպտոս կը հասնի Դեկտեմբերի մէջ), եւ Եգիպտոսէն Միքայէլ Նաթանեանը։ Իսկ Վերակազմեալ Հնչակեաններու կողմէ լիազօր կը կարգուին` նոյն կուսակցութեան Կեդրոնական Յանձնախումբի անդամներէն` Տօքթ. Տ. Էնֆիէճեան, Մ. Տամատեան, Կ. Գրիգորեան, Շ. Հովիւեան եւ Փոքր Հայքի գործիչ Ժիրայր-Վաչէ։ Այս բանակցութեանց իր լիակատար հաւանութիւնը կը յայտնէր նաեւ Ամերիկայի Վերակազմեալներու Վարչութիւնը, 1 Յունուար 1908 թ. պաշտօնագրով։ Խօսակցութիւնները տեղի կ’ունենան 1908ի սկիզբը, Աղեքսանդրիա, Մ. Տամատեանի բնակարանին մէջ. բանակցութեանց կը մասնակցի նաեւ Յակոբ Փափազեան։ Քանի մը օր բաւական կ’ըլլայ կազմելու եւ հռչակելու միութիւնը եւ միացեալ նոր կազմակերպութեան ծրագիրը, նպատակը եւ կանոնագիրը։ Նոր միութեան անունը կը դրուի Միացեալ Հայ Յեղափոխական Կազմակերպութիւն։ Երկուստեք կայացած համաձայնագիրը կը ստորագրեն` Վերակազմեալ Հնչակեաններու կողմէ` Մ. Տամատեան, Կարապետ Գրիգորեան եւ Շ. Հովիւեան, իսկ Գաղափարակցական-Արմենական Կուսակցութեան կողմէ` Գր. Պէօզիկեան եւ Միք. Նաթանեան։
293
1908ը նշանաւոր եղած է նաեւ` Օսմանեան Կայսրութեան յեղափոխութեամբը եւ Սահմանադրութեան հռչակումովը (11 Յուլիս 1908)։ Այդ խաբուսիկ շարժման հռչակուելէն անմիջապէս յետոյ, երբ իրաւունք կը տրուէր ամէն քաղաքական կուսակցութեանց գործել օրինական (légal) հողի վրայ` իբրեւ տարբեր գաղափարներու արտայայտիչներ, եգիպտաբնակ մտաւորականներ, առաջնորդութեամբ ու թելադրութեամբ Վահան Մալէզեանի, գաղափարը կը յղանան նոր կազմակերպութեան մը, որուն խորհրդակցութեան կը մասնակցին նոր կազմուած Միացեալ Հայ Յեղափոխական Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներէն զատ, շատ մը կարեւոր անձնաւորութիւններ ալ, որոնց կարգին նաեւ Ապահ, որ զզուած կուսակցական պայքարներէն, ատենէ մը ի վեր մեկուսացած կը մնար։ Խորհրդակցութիւնները, մասնաւոր հետաքրքրութեամբ, տեղի կ’ունենան Գահիրէի նախկին Թատրոն Ապպասի (Սինեմա Ամերիքըն Քօզմօկրաֆ) քով գտնուող հայոց Լսարան-Ընթերցատան մէջ, այժմ երկուքն ալ քանդուած։ Ժողովին Դաշնակցական ներկայացուցիչ` վաղամեռիկ Յ. Ասատուրեան (Մանթաշօֆ տան աւագ քարտուղարը), բացարձակապէս կ’ընդդիմանայ հայ քաղաքական կուսակցութեան մը կազմութեան գաղափարին, քանի որ իր պատկանած կուսակցութիւնը Ժէօն Թիւրքերու Իթթիհատ վէ Թէրագգը կուսակցութեան հետ եղբայրակցութեան գինարբուքի թմբիրը կ’ապրէր այդ օրերուն Պոլսոյ մէջ։ Առանց կարեւորութիւն տալու սակայն Դաշնակցական ներկայացուցիչին, խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին ոգեւորուած մթնոլորտի մը մէջ, ու կ’որոշուի կազմել Հայ Սահմանադրիր Ռամկավար Կուսակցութիւնը, այն բացարձակ պայմանով որ, եթէ որեւէ ժամանակ Օսմանեան կառավարութիւնը դրժելով սահմանադրութեան, վերադառնար նախկին դրութեան, Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութիւնն ալ պիտի վերածուէր գաղտնի եւ դաւադրական կազմակերպութեան մը։ Ռամկավար Կուսակցութեան վերջնական կազմը կը հռչակուի 26 Հոկտեմբեր 1908ին, Վահան Մալէզեանի տունը գումարուած հիմնադիրներու համագումարին մէջ։ Նախկին Արմենականներէն եւ Վերակազմեալներէն կազմուած Հայ Յեղափոխական Միացեալ Կազմակերպութիւնը ձուլուելով Ռամկավար Կուսակցութեան մէջ, կը հանդիսանայ այս վերջնոյն սկզբնական կազմակերպուած ուժը եւ զօրավիգը։ Այս Միութիւնը սիրով կ’ընդունուի Վանի, Պուլկարիոյ, Ամերիկայի, եւն շրջանակներու ընկերներէն, ու Ռամկավարութիւնը կը սկսի կանոնաւորապէս զարգանալ եւ զօրանալ։ Անոր Եգիպտոսի անդրանիկ օռկանը կ’ըլլայ ԼուսաբերԱրեւը։
294
Թէեւ իրարմէ զատուած ու իրարու հետ վէճի մէջ, Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան երկու հատուածները` Ռամկավար եւ Ազատական, մեծ պատերազմի ատեն, երկուքն ալ միշտ միեւնոյն դիրքը կը բռնեն մեր ազգային դատին վերաբերեալ հարցերուն մէջ։ 1920ին, Փարիզի մէջ, Արշակ Չօպանեանի առաջարկով, այդ երկու հատուածները միացնելու առաջին աշխատութիւն մը կը կատարուի։ 1 Սեպտեմբեր 1921ին, Պօսթընի մէջ կը սկսին բանակցութիւնները. անոնք յաջողապէս կը շարունակուին եւ կ’աւարտին Պոլսոյ մէջ, նոյն տարւոյ Հոկտեմբեր 1ին։ Համաձայնագրին տակ կը ստորագրեն` Ռամկավար Կուսակցութեան միութեան լիազօրներ` Ա. Թէրզիպաշեան, Արամ Ինճիճեան եւ Գր. Պէօզիկեան, իսկ Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութենէն` Միհրան Սըվազլեան, Հրաչ Երուանդ եւ Լութֆիկ Գույումճեան։ Երկու հատուածներու պատուիրակները կ’իրականացնեն այդ միացումը, որուն հետեւանքով կը կազմուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որ անկից ի վեր միաձոյլ եւ համերաշխ կը գործէ եւ արտասահմանի հայութեան ամէնէն լուրջ եւ արդիւնաւոր քաղաքական գաղափարաբանութեան կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ։ Այս կազմակերպութեան մէջ կը ձուլուի նաեւ` Հայաստանի նախորդ Հանրապետութեան օրերուն, Կովկասի մէջ գործող Ժողովրդական Կուսակցութիւնը։ Ռամկավար եւ Ազատական Կուսակցութեանց միացումէն առաջ եւ վերջ, Ապահ քանիցս կ’ընտրուի անդամ Կեդրոնական Վարչութեան եւ իր շրջանակին իբր պատուիրակ կը մասնակցի պատգամաւորական ժողովներու։ Ան յաճախ իր կուսակցութենէն իբր լիազօր, կ’անդամակցի Ազգային Միութեան, Եգիպտահայ Նպաստամատոյց Մարմնոյ, ընտրողական ժողովներու եւն։ Ապահ, իր հասուն տարիքին, Ռամկավար Կուսակցութեան մէջ կը տեսնէ` փորձառութեան բովէն անցած ազգայնական լուրջ կազմակերպութիւն մը, եւ անոր կը նուիրէ իր կեանքին մնացեալ օրերը. իսկ կուսակցութիւնը հպարտութեամբ Ապահի մէջ կը գտնէ նկատելի ուժ մը, արժէքաւոր ներկայացուցիչ մը, հայրենիքի փրկութեան համար նուիրուած զինուոր մը եւ պարտաճանաչ կուսակցական մը։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Տես Ուսանողաց տարեգիրք 1936, էջ 106։ 2. Փարիզի Հայրենասիրաց Միութիւնը 1884ին է որ Փարիզի մէջ կը հիմնուի Հայրենասիրաց Միութիւնը (Association Patriotique Arménienne) իրեն նպատակ ունենալով հայկական դատը պաշտպանել Եւրոպայի մէջ։ Փարիզի վարչութեան մէջ կը գտնուէին` Յ. Իսքէնտէր, Ժան Պրուսալեան եւն։ 18951896ին այս Միութեան եւ Փարիզի հայ ուսանողութեան միջոցաւ մեծ միթինկներ կը
295
պատրաստուին, ուր ֆրանսացի ատենաբաններ խօսք կ’առնեն` հայկական խնդրոյն վրայ իրենց տեսութիւնը պարզելու` ֆրանսացի ունկնդիրներու առջեւ։ Այդ օրերուն է որ Պոլիս, Արշակ Չօպանեանի դիմում կ’ըլլայ իր նախկին ընկերներու կողմէ, Փարիզ երթալ եւ միանալ սկսուած հայանպաստ շարժման։ Հայրենասիրաց Միութիւնը իր օգտակար դերը կ’ունենայ` քաղաքական, պատմական եւ գրական տեսակէտներով։ Յ. Իսքէնտէր, իբրեւ նախագահ այդ ընկերակցութեան, շատ մը բանախօսութիւններ կ’ընէ Փարիզ ու Լոնտոն։ Ի՛նքն է որ Արշակ Չօպանեանի հետ կը հրատարակէ Հայաստանի ջարդերը անուն ֆրանսերէն գիրք մը, եւն։ 3. Անահիտ, Ա. տարի, թիւ 4, Փետրուար 1899։ 4. Անդ։ 5. Նոր կեանք, Բ. տարի, թիւ 6, 15.3.1899։ 6. Իբր կիլիկեան թղթակցութիւն հրատարակուած Հնչակի մէջ երկար յօդուածաշարքով մը, եւ հեւ ի հեւ կարդացուած իր ժամանակին։ 7. Նորին վսեմութիւնը երկիցս այդ պաշտօնին կոչուած է` նախ 2.9.1878էն 21.4.1879 եւ յետոյ 18.5.1891էն 17.11.1898 տարիներուն։ 8. Ազգապատում, սիւնակ 5110-13։ 9. Եագուպ Ամիրայի շուրջ մեր պատրաստած կենսագրութիւնը տեսնել` Յիշատակարան Վահան Զարդարեանի, թիւ 21, տպ. Գահիրէ, 1933։ Պատրաստած ենք նաեւ Եագուպեան Գերդաստանի 300 տարւոյ Տոհմացոյցը, որ ցարդ կը մնայ անտիպ։ 10. Այս մասին տեսնել նաեւ` Arménieի թիւ 173ը (15e année, ler mars 1903), «Լեւոն պէյ Յակոբեան» խորագրով։ Նաեւ նոյն թերթի թիւ 177ը, ‘Pour les orphelins de Zeytoun’ խորագրով։ 11. 1908ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն յետոյ կը կազմուի` Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը որ էական կէտերու վրայ, Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան ոգին եւ ուղղութիւնն ունեցող «լեկալ», ոչ-յեղափոխական կազմակերպութիւն մը կ’ըլլայ։ 12. Այս երկու հատորները միացած, երկրորդ անգամ կը տպագրուին 1909ին ի Պոլիս։ 13. Սէմէրճեան, 1895ին, Չագրեան Աւագի հետ իբր պատգամաւոր Ատանա կ’ուղեւորի` Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ընտրութեան համար. քաղաքական դէպքերու հետեւանքով, Քիլիսի մէջ եօթը ամիս կը բանտարկուի. բանտէն ազատուելէ յետոյ կը ճամբորդէ Կիպրոս եւ Աղեքսանդրիա, ուր գրի կ’առնէ իր յիշեալ գիրքը։ Սէմէրճեան հետեւաբար չէր կրնար «իբր ականատես եւ ապստամբութեան մասնակից, ամփոփ եւ լման գծերով տեղեկագրել Զէյթունի վերջին մեծ պատերազմը», ինչպէս կը յաւակնի յայտարարել իր գրքի Բ. հատորի Յառաջաբանին մէջ։ Յիշեալ հրատարակութեան շուրջ յաւելուածական տեղեկութիւններու համար տեսնել նաեւ` «Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւն» հատուածի նոթագրութեան մէջ։ 14. Ակնարկութիւն` 1896ին Լոնտոն գումարուած Հնչակեան Ա. Ընդհանուր Ժողովին։ 15. Ձեռքի տակ ունինք ակնարկուած Շրջաբերականին բնագիրը` 10 էջերէ բաղկացեալ, որուն բովանդակութեան մասին գաղափար մը տալու համար, ստորեւ կու տանք անոր մէկ ամփոփումը։ Շրջաբերականը խմբագրուած է, նկատի ունենալով Հնչակեան Կուսակցութեան անունով, Վերակազմեալ շարքերուն մէջ Ալեքսան Արզուեան (Վահէ) խմբակին կողմէ
296
«Կիլիկիոյ մէջ ձեռնարկուելիք յեղափոխական շարժմանց պատրաստութիւն»ները։ Անոր մէջ կը մատնանշուի, վերոյիշեալ նպատակին համար, Արզուեանի եւ կարգ մը ուրիշ Հնչակեաններու Ամերիկայէն Եգիպտոս գալուստը, անոնց ցոյց տուած գործունէութեան սխալ ուղղութիւնը, եւ անոնց անտեսումը` Եգիպտոսի մէջ ծանօթ եւ իրենց յեղափոխական անցեալով փորձառու ընկերներու խորհուրդին։ Հոն նոյնպէս նկատի կ’առնուի Արզուեանի վատառողջութիւնը եւ անձեռնհասութիւնը այդպիսի գործի մը լծուելու եւ անոր վարիչը ըլլալու։ Շրջաբերականը կ’ընդգծէ, ի մէջ այլոց` սխալ քայլերու հետեւանքով Կիլիկիոյ ժողովուրդին վերապահուած դժխեմ ճակատագիրը եւ զգուշացնելով Վերակազմեալ Հնչակեան շարքերը Արզուեան անհեթեթ գաղափարներուն հետեւելէ, կու տայ նոյնինքն Ապահի կողմէ պատրաստուած հետեւեալ թելադրութիւնները, իբրեւ փորձուած միջոցներ այդպիսի ծրագիր մը գլուխ հանելու համար. 1. Կիլիկիոյ յեղափոխական գործին համար անհրաժեշտ է որ տեղական օրինաւոր Մարմին մը կազմուի` երկրին ծանօթ, փորձառու եւ հեղինակաւոր ընկերներէն` թէ՛ Եգիպտոսի եւ թէ՛ Կիպրոսի մէջ։ 2. Այդ Մարմինը պաշտօնապէս իր տրամադրութեան տակ ունենայ` երկրին մէջ գտնուող ա՛յն Հնչակեան նախկին ընկերները որոնք կարող են եւ փորձառու` ամենածանր յանձնառութիւններ կատարելու։ 3. Պէտք է արգիլել արտասահմանէն ընկերներ ներս մտցնելը, քանի որ թղթակցութեամբ կարելի է աւելի ապահով գործել։ 4. Երկրի (Կիլիկիոյ) ռազմական վայրերը բաժնել երկու շրջանակներու – ներքին եւ արտաքին (ծովեզերեայ)։ 5. Ներքին շրջանակին համար երկրին կարող ընկերներուն միջոցաւ վարել գործերը։ 6. Արտաքին շրջանակին համար, արտասահմանի մէջ կազմել բանակ մը, որ կարող ըլլայ իր հետ երկիր մտցնելու նաեւ մեծ քանակութեամբ զէնքեր` ծովեզերեայ լեռնականներուն համար, զերծ մնալով` կանխաւ զէնք ներմուծելու վտանգներէն ու վնասներէն։ 7. Երկրի գործունէութեան համար, արտասահմանէն անհրաժեշտ է դրամ հայթայթել եւ ո՛չ թէ մարդ։ 8. Երկրին մէջ կարելի է աժան գինով եւ աւելի ապահով միջոցներով զէնք հայթայթել քան կանխաւ ներմուծելով։ 9. Դրամական օգնութեամբ, ծովեզերեայ շրջանակին համար ուտեստի պաշար ամբարել տալ տեղացիներուն։ 10. Յեղափոխական գործին համար յատկացուած դրամը եւ անոր գործածութիւնը պէտք է ապահովել` կազմուելիք տեղական օրինաւոր Մարմնին պատասխանատուութեանը տակ։ Այս «տեղեկագիր-նամակ»ը ստորագրած են` «1895ի Կիլիկիոյ յեղափոխական շարժումներուն մէջ գործոն դերեր կատարած» տասը նախկին Հնչակեաններ, որոնք այդ օրերուն Գահիրէ կը գտնուէին. ահա անոնց անունները. Ապահ, Շաւարշ (Շիշմանեան), Քեռի (Սարգիս Պալաեան), Կարապետ Գրիգորեան, Ֆարհատ (Թորոս Սահակեան), Կռունկ (Սմբատ Ռստիկեան), (Կիրակոս) Չօլաքեան, Բենիամին Պետեւեան, Կարապետ Սուքեասեան եւ Ա. Ասատուրեան։ 16. Աբիկ Ունճեան սպաննուած է Պոլսոյ մէջ, Ղալաթիոյ հրապարակին վրայ, 25
297
Օգոստոս 1905ին (տեսնել Օրմանեանի Խոհ եւ խօսքը, էջ 432)։ 17. Պիթիաս։ 18. Գարա Սու։ 19. 1894ի գարնան ի Սուէտիա։ Այդ խումբին անդամներէն էին` հաճընցի Աղասի, քիլիսցի Յովհաննէս Կէօքօղլանեան եւն։ 20. Կ’ակնարկէ Աւետիս Նազարբէկի ըրած մէկ չարամիտ «յայտնութեան», ըստ որում 1895ի գարնան Կիպրոսի մէջ Մուրատ Շիրվանեանի սպանութիւնը գործուած ըլլայ Ապահի ձեռքով կամ գիտութեամբ, դատելով այն երեւոյթէն թէ Ապահ Զէյթունէն Լոնտոն վերադարձին, Հնչակեան Կեդրոնին յանձնած ըլլայ Շիրվանեանի քովէն գտնուած կարգ մը կարեւոր պաշտօնաթուղթեր։ 21. 1896ին եւ 1898ին։ 22. Այսինքն մինչեւ 1906։ 23. Եօզղատցի Սենեքերիմ Ուղուրլեան, տէռօրի ենթարկուած` 16-8-1895ին։ 24. Ալեքսան Արզուեան (Վահէ), իրեն օժանդակ ունենալով` էրզրումցի Գարեգինը, որ իր օձիքը ձեռք տալով, սոսկալի տանջանքներու տակ, կը մեռնի 21.8.1895-ին։ 25. Այս հսկայ նուիրատուութիւնը պահ մը կ’ենթադրուէր թէ Փաշան պիտի յատկացնէր` փոխան նախակրթարանի, առեւտրական կամ վաճառականական բարձրագոյն վարժարան մը հիմնելու, ինչ որ գուցէ իրականանար, եթէ գաղութը այդ օրերուն ունենար գէթ ներկայանալի նախակրթարան։ Այսուհանդերձ, Փաշային դիտաւորութիւնը` խոստմնալից հայ ուսանողներ բարձրագոյն կրթութեամբ օժտելու, կ’իրագործուի քանի մը տարի վերջ, երբ վեհանձն նուիրատուն այդ նպատակով 26,000 եգ. ոսկի տրամադրելով, Նուպարեան Սաներու Հիմնադրամ մը կը հաստատէ։ Գահիրէի մէջ հիմնած այս «վաքֆ»ը, 1924ին, Պրիւքսէլի համալսարանական ոստանին մէջ կը վերածէ Հայ Ուսանողական Հիմնարկութեան մը, գլխաւորապէս Հայաստանի համար մասնագէտներ պատրաստելու կանխահոգութեամբ։ 26. Տես Բօնշօն, Գահիրէն, գահիրէցին եւ գահիրէցուհին, էջ 26։ 27. Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը այս կազմը կը ներկայացնէր իր պաշտօնավարութեան լրումի շրջանին։ Անոր կազմը սկզբնական շրջանին հետեւեալն էր. Առաքել Պէյ Նուպար (ատենապետ), Տօքթ. Արշակ Թագւորեան (փոխ-ատենապետ), Մկրտիչ Սոսօյեան (ատենադպիր), Մկրտիչ Պալըզճեան (գանձապետ), Յովհաննէս Թաշճեան (խորհըրդական)։ Յետագային, Տօքթ. Արշակ Թագւորեան հրաժարելով, պատկառելի Քաղաքական Ժողովոյ 1.12.1905ի նիստին մէջ Ապահ կ’ընտրուի յիշեալին տեղ։ Իսկ 1906ի սկիզբը, Մկրտիչ Սոսօյեան եւ Յովհաննէս Թաշճեան եւս հրաժարելով, այս երկուքին տեղ կ’ընտրուին` Երուանդ Պէյ Աղաթօն եւ Տօքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան։ Ըստ այնմ, հոգաբարձութեան դիւանը կը կազմուի վերոյիշեալ կերպով։ 28. Ի մէջ այլոց` Վահան Թէքէեան, որ քիչ մը ատեն ալ մաս կը կազմէ վարժարանի Հոգաբարձութեան, եւ որ (ըստ այս վերջնոյն «յուշեր»ուն, տես Արեւ, 1.5.1943, ԻԷ. տարի, թիւ 7407), Տօքթ. Ն. Տաղաւարեանի քննադատելի մէկ արարքին պատճառով (որպէս թէ Տօքթ. Տաղաւարեան ժողովին կը հաղորդէր` ժողովէն չանցած որոշումներու կատարեալ իրողութիւնը), կը հրաժարի իր այդ կարճ պաշտօնավարութենէն։ 29. Գալուստեան Վարժարանի Պուլագ տեղափոխութեան առթիւ, կը մտածուի Պէյն Էլ Սուրէնի մանկապարտէզն ալ միեւնոյն շրջափակին մէջ առնել։ Այդ նպատակով,
298
1908ին, վարժարանի հիւսիսային ճակտին կողմը, 700 քռ. մեթր տարածութիւն ունեցող գետնին վրայ կը կառուցուի երկյարկանի Գալուստեան Մանկապարտէզը։ 1911ին է որ վերջնականապէս կը փակուի Պէյն էլ Սուրէնի մանկապարտէզը, եւ անոր աշակերտութիւնը կը փոխադրուի Պուլագ։ Գետնի եւ շէնքի 6000 ոսկւոյ ծախքը կը հոգացուի հանգանակութեան մը արդիւնքէն եւ ազգային սնտուկէն։ (Գալուստեան Վարժարանի 100ամեայ անցեալին մասին աւելի ընդարձակ ծանօթութեանց համար, տեսնել մեր պատրաստած պատմական տեսութիւնը` Արմաւենի տարեգիրք, Գահիրէ, 1937, էջ 11-24)։
299
ԳԼՈՒԽ Ժ. ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ԱՆՑՈՒԴԱՐՁԵՐ (1915-1919) Ազգովին գործուած սխալներուն անդրադառնալով, ջանանք ուղղել մեր առնելիք նոր եւ վճռական քայլերը ու հետեւինք օրուան նշանաբանին, որ տասնեակ հազարաւոր անձնուրացներու հրաւէր կը կարդայ եւ մեծ գումարներու պէտքը կը շեշտէ. ուրիշ խօսքով մա՛րդ եւ դրա՛մ կը պահանջէ։ ԱՊԱՀ
Մ
«Մարդ եւ դրամ» եծ Պատերազմի միջոցին երբ կամաւորներ գործի վրայ էին Կովկաս, երբ հայ տարագիրներու կարաւանները Սուրիոյ անապատներուն մէջ կը մահանային եւ յարափոփոխ դէպքերու բերումով եգիպտահայութիւնը մահուան եւ յարութեան տեսիլքներուն միջեւ կը տարուբերուէր, այդ օրերո՛ւն կ’ըսենք, Ապահ անգա՛մ մը միայն կը գրէ, եւ իր յօդուածը` «Մարդ եւ դրամ» որ կ’երեւի Աղեքսանդրիոյ Արեւին 6 Օգոստոս 1915ի թուին մէջ իբր առաջնորդող, իր իմաստալից խորագրով (քանի որ մարդ բառի հակոտնեայ ընթերցումն է` դրամ), սրտցաւ, շրջահայեաց եւ գործնական մտքի մը արտայայտութիւնն է։ Ստորեւ կ’արտատպենք այդ գրութեան ուշագրաւ մասերը. Ազգին համար մահու եւ կենաց ներկայ վայրկեանները ամենքիս վրայ անխտիր պարտք մը կը դնեն հանդէպ մեր բզիկ-բզիկ եղած հայրենիքին, պարտք մը` զոր անտեսել այլեւս վատութիւն եւ ոճրագործութիւն է։ Ճառելով, վիճաբանելով ժամանակ չկորսնցնենք, երբ անդին մայր հայրենիքի վիրալից կուրծքին ուղղուած հրացաններն ու թնդանօթներն են որ կը գոռան, երբ կախաղաններն ու եաթաղաններն են որ կը կատարեն իրենց մահացու գործը։ Այս տագնապալի կացութեան մէջ, մեր առջեւ կը ներկայանան` իբրեւ օրուան հրամայական պահանջ` երկու բան. Մա՛րդ եւ Դրա՛մ։ Մեր պատուական ազգային գործիչները, ամէն կուսակցութենէ, այսօր կախաղաններու վրայ կը քաւեն` մեր ազգային անհեռատեսութեան եւ միամիտ լաւատեսութեան յանցանքը...։ Ընդհակառակը, եթէ մեր խաղաղասէր քաղաքականութեան եւ բարենպատակ ձեռնարկներուն հետ զուգընթացաբար մշակած ըլլայինք նաեւ միջոցները մեր ապագայ
300
գերագոյն ճիգին, այսօր բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ պիտի գտնուէր մեր հայրենիքը։ Նպատակէս հեռի է ծանրանալ անցեալի սխալներուն վրայ, որքան ալ անդարմանելի եղած ըլլան անոնց այսօրուան հետեւանքները։ Ժամանակը չէ՛ անցեալը պրպտելու եւ իրար դատափետելու։ Ազգովին գործուած սխալներուն անդրադառնալով, ջանանք ուղղել մեր առնելիք նոր եւ վճռական քայլերը ու հետեւինք օրուան նշանաբանին, որ տասնեակ հազարաւոր անձնուրացներու հրաւէր կը կարդայ եւ մեծ գումարներու պէտքը կը շեշտէ. ուրիշ խօսքով մա՛րդ եւ դրա՛մ կը պահանջէ։ Հայե՛ր, մեր կովկասահայ կտրիճ եղբայրներուն առնական կեցուածքէն օրինակ ու թափած գերագոյն ճիգերէն դասեր պէտք ենք առնել։ Արտասահմանի հայութիւնը, բարի նախանձով մը լեցուած կրնայ իր կարգին կովկասներ ստեղծել իր մէջ։ Ո՞ւր են Հնդկաստանի մեր միլիօնատէր եղբայրները, ո՞ւր են Եգիպտոսի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Ամերիկայի մեծափարթամ ազնուական հայերը, ո՞ր օրուան կը պահեն միլիօնները։ Հարուստնե՛ր, քիչ մը գութ, քիչ մը խիղճ, քիչ մը ինսաֆ ունեցէք. քիչ մը պակաս պաշտեցէք անարգ մետաղը։ Չենէ պահանջուածը միայն նիւթական զոհողութիւն մըն է. ուրիշները իրենց մատղաշ կեանքը, իրենց ճիւան հասակը կը զոհեն հայրենիքի փրկութեան սեղանին վրայ. փրկեցէ՛ք ձեր պատիւը` առատաձեռն ժեսթով մը։ Ու եթէ այս ամէնը դեռ չբաւեն օրուան պէտքերուն, թո՛ղ մերկանան մեր եկեղեցիները իրենց ոսկի ու արծաթ խաչերէն, ականակուռ զարդերէն եւ սպասներէն, եւ թո՛ղ փոխատուութեան պայմաններու տակ տրամադրուին` հարիւր հազարներու հասնող ազգային կտակներու գումարները, զի ժամանակիս արդար պահանջքն է` մարդ եւ դրամ։ Այսօր, Հայաստան եւ Կիլիկիա կ’ամայանան մեր ազնիւ ու բազմաչարչար ցեղէն, կոյսեր կ’առեւանգուին, մայրեր կը լլկուին, երեխաներ սուիններու կ’անցուին, ծերեր ու անկարներ անխնայ կը կոտորուին, իսկ մենք` դեռ բան մը չեղածի պէս մեր անտարբերութեամբ կը փայլինք...։ Օ՛ն, հայեր, ահա՛ ժամը եւ ահա՛ միահամուռ գործելու վայրկեանը, որ պիտի զատէ ու զտէ անձնուէրը` այլասերածէն, բարերարը` դաւաճանէն։ Թող շարժի՛ն մեր Սրբազան Առաջնորդները, հանգանակիչ մասնախումբերու անդամները, որոնք մղոններով հեռի կը գտնուին իրենց պարտականութեանց գծէն, կողք կողքի կանգնին յեղափոխական կազմակերպութիւնները, թո՛ղ ասպարէզ իջնեն մեր փափկասուն տիկիններն ու նազելաշուք օրիորդները, եւ թօթափելով անտարբերութեան ու պչրանքի կեանքը, անքուն պատրաստեն հայրենիքի եռագոյն դրօշակները ու ռազմաբեմ հրաւիրեն իրենց այրերը, եղբայրներն ու սիրելիները, ըսելով. - Գնա՛, հոգիս, Աստուած քեզ յոյս, ազգին սէրը քեզ քաջալեր...։ Օ՛ն, հայ մայրեր, ատենն է որ կոչուիք մայրե՜ր քաջերու եւ դիւցազներու։ Դուք ձեր խոշտանգուող քոյրերուն եւ եղբայրներուն պատիւը փրկելու եւ վրէժը լուծելու ազգասիրական տենչովը լեցուած, հրահրեցէք ձեր զաւակները եւ փութով ճամբայ հանեցէք դէպի պարտականութեան դաշտը, տալով Սպարտացի մօր մը իր զաւկին ուղղած խրատը. «Վահանիդ վրան կամ վահանիդ տակը. դրօշակը ձեռքդ կամ դրօշակիդ մէջ փաթթուած»։ Այս ուղութեա՛մբ է որ միայն պիտի կրնանք պատրաստել մարդ եւ դրամ։
301
Ապահի այս ցնցող կոչը հրատարակուելէն վե՛րջն է, որ սուէտիացիներու ժամանումով, Եգիպտոսի մէջ կ’իրագործուին իր յայտնած առաջարկները, յաջորդաբար կազմուելով` Հայ Ազգային Միութիւնը, Եգիպտահայ Նպաստամատոյց Մարմինը, Հայ Կամաւորական Շարժումը (որ կ’ըլլայ կորիզը Արեւելեան Լէգէոնին), Հայ Կարմիր Խաչը, Որբախնամ Ընկերութիւնը եւն, որոնց իւրաքանչիւրին մասին պիտի անդրադառնանք յետագայ էջերուն մէջ։
ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՔԱՊԱՅԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ (15 Յուլիս – 19 Հոկտեմբեր 1918)
1. Հայ տարագիրներ դէպի Աքապա, նախքան Առաքելութեան ժամանումը Համաշխարհային պատերազմի ամէնէն տաք եւ վճռական ամիսներուն է. 1918ի ամառը։ Գերմանիա երբ մէկ կողմէ շանթի հարուածներ կը տեղացնէ զինք շրջապատող համաձայնականներուն կամ դաշնակիցներուն գլխին, եւ յուսահատական փորձեր ի գործ կը դնէ ապահովելու համար վերջնական յաղթանակը Եւրոպայի ճակատին վրայ, միւս կողմէ դէպի Արեւելք կ’երկարի, ձեռք առնելով թրքական բանակներու ընդհանուր ղեկավարութիւնը, որ տարագրելէ եւ անլուր կոտորածներու ենթարկելէ վերջ թրքահայ զանգուածը, նահանջի գիծը բռնած է` Պաղեստինի եւ Սիւրիոյ ճակատներուն վրայ...։ Ամէնուրեք արի՜ւն եւ աւերածութիւն...։ Վերապրող հայ տարագիրներու խլեակներ ցրուած աստ ու անդ. մոխրակոյտերու մէջ շարժող ստուերներ կամ իսլամ կանանոցներու մէջ արգելափակուած ստրուկներ, որոնք կորստեան անդունդին առջեւ հասած, նաւաբեկեալներու նման կը սպասեն փրկարար ձեռքերու...։ Ինչպէս Թրքահայաստանի միւս ծայրագոյն սահմանները, զօրաւոր յորձանք մը եւս հայ տարագիրները նետած է Տէյր Զօրէն մինչեւ Պաղտատ ու Սուրիայէն մինչեւ Արաբիոյ անապատներուն խորերը։ Այդ օրերուն, եգիպտահայ գաղութին` այս վերջիններէն է որ ամէնէն աւելի լսելի կ’ըլլայ օգնութեան կոչը, ուր եւ կը հասնին աղեկտուր լուրեր անոնց մասին։ Հայ տարագիրներու խլեակներ, Դամասկոսէն եւ Ճէպէլ Տրուզէն կը դիմեն Անդրյորդանան, եւ անոնցմէ մաս մըն ալ (թուով 120 հոգի) մինչեւ Աքապա (Հիւսիսային Հիճազի սահմանները)։ Օգնութեան առաջին կոչերը ուրեմն լուրջ խորհրդածութեանց առարկայ կ’ըլլան նոր կազմուած Եգիպտահայ Ազգային Միութեան Վարիչ Մարմնոյն, որ Եգիպտահայոց Առաջնորդ Տ. Թորգոմ Եպս. Գուշակեանի նախագահութեան տակ կոչուած էր օգնութիւն հասցնել` Եգիպտոս ապաստանող հայ գաղթականներուն։
302
Պատերազմի այդ շրջանին, Դամասկոս եւ Արաբիա տարագրուած հայութեան մէկ մասը իմանալով թէ Ճէպէլ Տրուզ կիսանկախ վիճակ ունէր եւ որ անկէ հնարաւորութիւն կար Աքապա անցնիլ եւ Աքապայէն Եգիպտոս ապաստանիլ, այդ տարագրեալները կը սկսին ունեցածնին ծախել եւ իրենք զիրենք Ճէպէլի սահմանները ձգելով, այնտեղի բազմաթիւ գիւղերուն մէջ ապաստանիլ։ Այս ապաստանածներէն նիւթապէս կարողները, ուղտեր վարձելով, Աքապայի ճանապարհը ձեռք կ’առնեն, իսկ անկարողները, թուով 1500 հոգի, իրենց տեղերը կը մնան, անհամբեր սպասելով Եգիպտոսէն Աքապա երթալիք Առաքելութեան կարգադրութեանց։ Աքապա ժամանող հայ տարագիրները լսելով թէ եգիպտահայութենէն ներկայացուցիչներ պիտի ուղարկուին իրենց, եւ միջոցներ ձեռք պիտի առնուին գաղթականներ Եգիպտոս փոխադրելու համար, կը սկսին նամակներ տեղացնել` Ճէպէլ Տրուզ գտնուող իրենց ծանօթներուն, թելադրելով ուղեւորիլ դէպի Աքապա, այն յոյսով թէ ուղարկուելիք առաքելութիւնը լիառատ գումարներով պիտի հոգար իրենց փոխադրութեանց ծախսերը, դրամ չունեցողներուն դրամագլուխ պիտի հայթայթէր եւն։ Դժբաղդաբար չափազանցուած եւ բոլորովին սխալ հասկցուած այս տարաձայնութիւնները, Ճէպէլ Տրուզի մէկ ծայրէն միւսը արձագանգ գտնելով, կը սկսին ծնունդ տալ կարաւաններու շարքերուն...։
Առաքելութեան մեկնումը Աքապա Հայ Ազգային Միութեան Եգիպտոսի Մարմինը ուրեմն, հիմնուած Աքապայէն ստացած կարգ մը ուշագրաւ տեղեկագրերու ինչպէս նաեւ միեւնոյն գծով Եգիպտոս ժամանող հայ տարագիրներու կողմէ տրուած սրտաճմլիկ մանրամասնութեանց վրայ, կ’որոշէ երկու անձերէ բաղկացեալ առաքելութիւն մը ուղարկել հոն, տարագիրներու Եգիպտոս փոխադրութեան եւ այլ կարգադրութեանց հսկելու համար. այդ պաշտօնին յարմարագոյն թեկնածուն կը նկատէ Ապահը, անոր իբր քարտուղար ընկերացնելով արաբագէտ Պ. Ստեփան Ստեփանեանը որ Մելգոնեան ծխախոտի գործատան կարեւոր պաշտօնեաներէն էր։ Առաքելութիւնը, միասին ունենալով` Ճէպէլ Տրուզի հայ տարագիրներէն Եգիպտոս եկած Կարապետ Արմուտեան անուն անձը, Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 1918ին, Գահիրէէն փութով ճանապարհ կ’ելլէ, եւ Սուէզէն St. Albins շոգենաւով, Հինգշաբթի, 18 Յուլիսին կը ժամանէ Կարմիր Ծովու Աքապայի ծոցը։ Աքապա՜...։ Անուն մը որ կը հասնի Ս. Գրոց մէջէն, ու երբեք հայ անունը յիշատակուած պիտի չըլլար այս անհրապոյր, չոր ու ցամաք լեռներով շրջապատուած, ու Մեռեալ Ծովը Կարմիր Ծովուն միացնող երբեմնի լեռնահովիտին անուան հետ, եթէ երբեք աշխարհաւեր փոթորիկը այդ հեռաւոր ու կիզիչ աւազուտքին վրայ եւս նետած չըլլար վերապրող հայ տարագիրներ...։ Ու Ապահ, յանձն առած ամէն նեղութիւն, ետին ձգելով իր բազմանդամ
303
ընտանիքը, պատերազմի այդ վտանգաւոր օրերուն երբ թնդանօթը կը գոռար Սիոնի բարձունքներէն (կարծես ծաղրել ուզելով Աստուածորդւոյն նոյն վայրէն բարձրացուցած խաղաղութեան պատգամը), եւ որ Հայկական Լեգէոնը քիչ յետոյ Արարայի իր յաղթանակը պիտի արձանագրէր նոյն այդ Աքապայի սահմաններուն մէջ, կը մեկնէր հո՛ն, ուր այս անգամ իր ցեղին աղեկտուր ձայնը կը կանչէր զինք, կրակէ գծերուն անմիջապէս ետին, եթէ ո՛չ իբրեւ զինուոր Սուրբ Գործին, այլ իբրեւ որբահաւաք, խաղաղասիրական ու մարդասիրական վսեմ նպատակով, որ կը պահանջէր նոյնքան անձնուրացութիւն որքան քաջութիւն եւ կորով։
Աքապա ժամանում Առաքելութիւնը Աքապա ժամանած օրն իսկ, պաշտօնական այցելութիւններ կու տայ տեղւոյն քաղաքական թէ զինուորական իշխանութեանց1, ինչպէս նաեւ տեղացի կարգ մը հեղինակաւոր անձնաւորութեանց, որոնց բոլորին մօտ կը գտնէ սիրալիր ընդունելութիւն, եւ կ’ընդունի անոնց փոխադարձ այցելութիւնները։ Դարձեալ, հետեւելով Արեւելքի ընկալեալ սովորութեան, Առաքելութիւնը Եգիպտոսէն թանկարժէք նուէրներ, ընտիր սիկառէթ եւն տանելով կը բաշխէ զանոնք տեղւոյն երեւելիներուն, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ` երկուստեք բարւոք յարաբերութիւններ ստեղծուելուն։ Աքապայի մէջ է որ Ապահ կը ծանօթանայ նաեւ Նուրի Էլ Սայիտ փաշային, ապագայ վարչապետ Իրաքի կառավարութեան։ Ի բացակայութեան Աքապայի կառավարիչ Շէյխ Եուսուֆ Խուշէյրիմի, անոր որդին Շէյխ Ապպաս կ’ընդունի Առաքելութեան այցելութիւնը եւ ազնուաբար իր մօտ կը հիւրընկալէ Առաքելութեան անդամները։ Այս կարգադրութիւնը շատ նպաստաւոր կ’ըլլայ, զի եթէ այդ անակնկալ հիւրասիրութիւնը չըլլար, անոնք ստիպուած պիտի ըլլային Հայկական Քէմբին բացօթեայ մէկ անկիւնը անցընել, նկատի ունենալով որ Գահիրէէն աճապարանօք ճանապարհ ելած ըլլալով, հետերնին առած երկու փոքրիկ վրանները անգործածելի էին եւ անյարմար իրենց պաշտօնին։ Միւս կողմէ տեղական պայմաններուն անծանօթ ըլլալով, իրենց ունեցած ուտեստեղէնները եւս անբաւարար եւ անգոհացուցիչ էին, որով եթէ կերակուրներն ալ դուրսէն հայթայթելու հարկ ըլլար, օրական 3-4 ոսկւոյ ծախս ընելով հանդերձ, կարելի պիտի չըլլար այդ դժոխային վայրին մէջ լաւ պայմաններու տակ ապրիլ։ Առաքելութիւնը իր պաշտօնին ձեռնարկելով, առաջին պայման կը նկատէ, տարագիրներու փոխադրութեան, կեդրոնացման, եւն.ի համար խորհրդակցիլ Շէրիֆ Ֆէյսալ Իպն Հիւսէնի հետ որ նոյն օրերուն Ապի Լուսան2 կը գտնուէր։ Այդ նպատակով, Ապահ, Աքապայի անգլիական զօրագնդի փոխ-հրամանատար Մէյճըր Սքաթի միջոցաւ հեռաձայնով հաղորդակցութեան կը մտնէ Ապի
304
Լուսանի անգլիացի հրամանատար Գօլօնէլ Ճօյսի հետ, այդ մասին հրահանգներ խնդրելով յիշեալէն։ Գնդապետը թէեւ քանի մը օրէն կու գայ Աքապա, սակայն զինուորական թէ այլ նպատակներով յարմար չի տեսներ Առաքելութեան իսկոյն Ապի Լուսան մեկնելուն, ու ամբողջ 15 օրեր, Ապահ եւ իր ընկերները ակնդէտ կը սպասեն Աքապա, առանց լուրջ գործունէութիւն մը ունենալու։ Առ այդ, Առաքելութիւնը յարմար կը դատէ Յուլիս 24ին երեք հայ սուրհանդակներ3 ուղարկել դէպի Ճէպէլ Տրուզ, կասեցնելու համար տարագիրներու խուժումը դէպի Աքապա, սպասելով բանակցութեանց աւարտումին։ Այս առաջարկը եւս լուրջ արգելքներու հանդիպելով անգլիական զինուորական իշխանութեանց կողմէ, Առաքելութիւնը կը բաւականանայ, առժամաբար, մինչեւ արշաւախումբի մը ուղարկումը, պէտէվի ուղտապանի մը միջոցաւ, այդ իմաստով նամակ մը ուղարկել Ճէպէլ Տրուզի հայոց։
Աքապայէն` Ապի Լուսան Շաբաթ Օգոստոս 3ին, զինուորական երկու խոշոր ինքնաշարժերով Առաքելութիւնը կը մեկնի Ապի Լուսան։ Հոն մէկ գիշերուան համար հիւրասիրուելով անգլիական քէմբին մէջ, յաջորդ առաւօտ, Կիրակի Օգոստոս 4ին, ընկերակցութեամբ Գօլօնէլ Ճօյսի, Ապահ եւ իր քարտուղարը Ս. Ստեփանեան, պաշտօնական այցելութիւն կու տան Շէրիֆ Ֆէյսալի, եւ առաջին տեսակցութեամբ իսկ հայ պատուիրակները կ’արժանանան` Իրաքի ապագայ առաջին թագաւորին անվերապահ համակրանքին։ Այնուհետեւ նոյն դժուարութիւնները ինչ որ էր Աքապայի մէջ, այսինքն պատսպարան եւ ուտելիք ճարելու հարցերը։ Գօլօնէլ Ճօյս դարձեալ անբարեացակամ վերաբերում կ’ունենայ այդ մասին, ինչպէս որ ձգձգած էր Առաքելութեան Ապի Լուսան մեկնումը։ Ճարահատ, Ապահ հեռախօսով կը դիմէ Աքապայի կառավարիչ Շէյխ Եուսուֆին, եւ այս վերջինն ալ իր կարգին (Աքապային հեռախօսով) կը միջամտէ Շէրիֆ Ֆէյսալի մօտ։ Ֆէյսալ, անմիջապէս որ կը տեղեկանայ հայ պատուիրակներու կրած նեղութիւնները, կը հրամայէ իր սենեկապետին` անոնց հաղորդելու թէ ցորքան ատեն Ապի Լուսան մնային, անոնք պիտի նկատուէին իր հիւրերը, ու պիտի գտնէին ամէն պաշտպանութիւն եւ աջակցութիւն։ Գօլօնէլ Ճօյսի ուրիշ բան չէր մնար ընելիք բայց եթէ անդրադառնալ իր ըրած սխալին, ու գէթ առ երեսս յարգալից վերաբերում մը ցոյց տալ հայոց հանդէպ...։ Ֆէյսալ եւ հայ տարագիրները 1918 Յունիսին, այսինքն Աքապայի Առաքելութեան ժամանալէն քիչ առաջ, Ճէպէլ Տրուզէն 100-120ի չափ հայ տարագիրներ ճանապարհ ելլելով կու գան Ապի Լուսան ու Շէրիֆ Ֆէյսալի աջակցութեան կը դիմեն։ Շէրիֆը, իր ծանօթ հայասիրութեամբը զանոնք կը պատսպարէ, կը կերակրէ եւ 1500 ոսկի անոնց
305
պէտէվի ուղտապաններուն վարձքերը վճարելով հանդերձ, առատ նուէրներով ալ կը քաջալերէ այս վերջինները։ Ու երբ եկող հայոցմէ ան քանի մը արհեստաւորներ (ինչպէս դերձակ, կօշկակար, բժիշկ, ատաղձագործ եւն) կ’ուզէ որ քովը մնան` լաւ օրավարձքի խոստումով, այդ անհեռատես եւ ողորմելի մարդոցմէ եւ ո՛չ մէկը կ’ընդունի եղած առաջարկը, ու կոպտօրէն մերժելով ճամբանին կը շարունակեն մինչեւ Աքապա...։ Այս դժբաղդ պարագան պատճառ կը դառնայ հայատեաց քաղաքականութեան մը ստեղծման ու միաժամանակ վճռական որոշման մը թէ յետ այնու նորեկ ոեւէ հայու չօգնեն ու վերոյիշեալ հայ տարագիրներու համար վճարուած 1500 ոսկւոյ գումարը եւս եգիպտահայութենէն պահանջեն...։ Ահա՛ այս էր ստեղծուած յոյժ դժուարին կացութիւնը երբ Առաքելութիւնը Ֆէյսալի մօտ կը գտնուէր։ Այս տողերը հաստատող պաշտօնական երկու գրութիւններ ունինք մեր ձեռքին տակ, որոնցմէ մին գրուած է Նէսիպ պէյ Պէքրիէն իսկ երկրորդը Շէրիֆ Ֆէյսալէն, որոնցմով կ’ազդարարուի Ապահի (իբրեւ պետը Աքապայի Առաքելութեան) որ անախորժ դէպքեր տեղի չունենալու համար, խնամքը ունենայ` գաղթական հայեր բերող պէտէվի ուղտապաններուն վարձքերը վճարելու։ Այս պայմաններուն տակ, Ապահ կը ստիպուի թէ՛ Շէրիֆի կառավարութիւնը եւ թէ՛ նորանոր տարագրեալներ բերող պէտէվիները սիրաշահելու եւ գոհացնելու միջոցներուն վրայ մտածել։ Երեւոյթները որքան ալ քաջալերիչ չըլլային, այսուհանդերձ առանց յուսահատելու, Ապահ կը շարունակէ կառչիլ սիրաշահող քաղաքականութեան` Շէրիֆէն սկսեալ մինչեւ տգէտ ու կողոպտող պէտէվին, անոնց կրկնելով ու համոզել ջանալով թէ իրենք եկած են ո՛չ միայն հայերը ազատելու, այլ գործնականապէս օգտակար հանդիսանալու Արաբիոյ, տրամադրելով անոր հայ լաւագոյն ուժերը, ինչպէս արհեստաւորներ, լեզուագէտներ եւ կամաւորներ, այն խորին գիտակցութեամբ թէ Արաբիոյ օժանդակելով հայութեան օժանդակած կարելի էր համարել, քանի որ երկուստեք հասարակաց մէկ թշնամի ունէին` թուրքը։ Այդպէսով կարելի կ’ըլլայ հայոց մասին կազմուած սխալ գաղափարները փոխել ու հայասէր հոսանք մը ստեղծել. Շէրիֆին տրամադրելով բժիշկներ, դեղագործներ, կենդանաբոյժներ, արհեստաւորներ եւ կամաւորներ, որով ո՛չ միայն 1500 ոսկւոյ պահանջքը մոռցնել կը տրուի, այլեւ Հիճազի կառավարութեան գանձէն այդ խոշոր գումարին վրայ վճարել կը տրուի 700 ոսկւոյ յաւելուածական ծախս մը, առանց հաշուելու Աքապայէն Ճէպէլ Տրուզ ուղարկուած հինգ հոգիներու տրամադրուած ուղտերը, զէնքերը, ռազմամթերքը, տարագիրներուն բաշխուած ուտեստեղէնները, ինչպէս նաեւ Ճէպէլ Տրուզէն Էլ Ազրաք փոխադրուած 150 կարօտ հայոց Շէրիֆէն եղած 250 ոսկւոյ օգնութիւնը. ընդամէնը` շուրջ 2500 ոսկի։
306
Բաց աստի, Անդրյորդանանու ճակատը գերեվարուած 100է աւելի յոյներ թուրք գերիներու նման կ’աշխատցնէին Ապի Լուսանի մէջ. Ապահ երբ անոնց թշուառութեանց եւ կրած զրկանքներուն մօտէն ականատես կ’ըլլայ, կը ներկայանայ Ֆէյսալի, եւ հայոց նման անոնց համար եւս կ’առաջարկէ որ ազատ արձակուին ու Բօր Սայիտ ուղարկուին։ Ապահի այս դիմումին վրայ, Ֆէյսալ իսկոյն կը հրամանագրէ որ յետ այնու եկող բոլոր յոյները հայոց ներկայացուցիչին (Ապահի) պէտք էր յանձնուին եւ անոր կարգադրութեամբը, կառավարական ուղտերով Աքապա ուղարկուին։ Աւելի վերջը, Գահիրէ վերադարձի ճամբուն վրայ, երբ Ապահ Բօր Մայիտէն կ’անցնի, հոն պատահմամբ կը հանդիպի` իր շնորհիւ ազատ արձակուած յոյներուն, որոնք չեն գիտնար ինչպէ՜ս շնորհակալութիւն եւ ի՞նչ տեսակ պարտիւներ ընծայել անո՛ր` իրենց համար ըրած բարիքներուն փոխարէն։
Ճէպէլ Տրուզի արշաւախումբը` Լեւոն Եօթնեղբայրեանի գլխաւորութեամբ Առաքելութեան` Ապի Լուսան ժամանելէն քսան օրեր անցեր են, ու տակաւին Ճէպէլ Տրուզի հայ տարագիրները փոխադրելու գործով զբաղող հինգ հոգինոց արշաւախումբը4, Աքապայէն Ապի Լուսան գալով կը մնար, սպասելով հրամանի։ Ֆէյսալի նպատակն էր անոնց ընկերացնել կառավարական կարեւոր պաշտօնեաներ, որոնք իրենց հետ պիտի տանէին հազարաւոր ոսկիներ եւ այլ իրեղէններ` Դամասկոսի վրայ ըլլալիք յարձակողականին նախնական ձեռնարկներուն համար։ Սակայն ամէն կողմէ եղած դրամական պահանջքները այնչափ շատ էին որ մէկ օրէն միւսը կարգադրել անհնար էր։ Այսուհանդերձ, յարձակողականին պատրաստութիւնը ամենամեծ թափով յառաջ կը տարուէր. բանակը արդէն մեկնած էր, եւ հազարաւոր ուղտեր պատրաստուած էին` էլ Էզրաքէն ռազմամթերք փոխադրելու։ Այս վերջին պարագան, Առաքելութեան համար յարմարագոյն առիթ մը կը նկատուի, զի նոյն ուղտերը փոխանակ պարապ ետ վերադառնալու, կարող էին հայ գաղթականներ ձրի փոխադրել։ Ու Ապահ, այս անգամ ընկերակցութեամբ Եգիպտոսի ֆրանսական զինուորական առաքելութեան պետ` հայասէր Գաբիթէն Բիզանիի, Օգոստոս 22ին կը դիմէ դարձեալ Ֆէյսալի եւ իր նպատակը պարզելով, անոր լիակատար հաճութիւնը կ’առնէ։ Ֆէյսալ անմիջապէս պատրաստել կու տայ` Ճէպէլ Տրուզի ութը արաբ պետերուն ուղղուած յանձնարարագրեր, ու զանոնք յանձնելով արշաւախումբին, այս վերջինը, գլխաւորութեամբ Լեւոն Եօթնեղբայրեանի, Օգոստոս 23ի Ուրբաթ օրը Ապի Լուսանէն ճանապարհ կ’ելլէ, ընկերակցութեամբ ուրիշ 15 արաբ պաշտօնեաներու։ Արշաւախումբի զէնքերը, հագուստները, կօշիկները, ուղտերը, ջուրի ամանները, սննդեղէնի պաշարները եւն, ինչպէս նաեւ 70 անգլիական ոսկւոյ գումար մը կը հայթայթուին Աքապայի Առաքելութեան կողմէ։
307
Արշաւախումբի անդամները իրենց ստացած հրահանգներուն համաձայն, ո՛չ միայն Ճէպէլ Տրուզի մէջ գտնուած հայ տարագիրները դէպի Աքապա ձրիօրէն փոխադրելու գործը պիտի կազմակերպէին, այլ, ներկայացած առաջին պատեհութենէն օգտուելով, Դամասկոսի հայութեան մէկ մասը Ճէպէլ Տրուզ պիտի փոխադրէին, որպէսզի մեծ յարձակողականը սկսած ատեն, Դամասկոսի հայութեան գէթ մէկ մասը փրկուած, իսկ մնացեալն ալ կանխահոգ միջոցներ ձեռք առած ըլլար։ Ապի Լուսանէն հազիւ երեք օր հեռացած, արշաւախումբի ուղտերէն երկուքը կը հիւանդանան, իսկ մէկն ալ կը մեռնի։ Անմարդաբնակ անապատին մէջ ութ օր սպասելէ վերջ, կարաւաններու հանդիպելով կը շարունակեն իրենց ճամբան եւ 17 օրէն, շատ մը նեղութիւններէ վերջ կը հասնին Ճէպէլ Տրուզ։ Այնտեղէն, անոնք կ’այցելեն` Անէզ, Իւմրըման, Կըրիյէ, Սէլխէթ, Ըռման, Սըվէտիէ, Ղանավաթ, Մուրտուք, Պիքէրան, Շէհպէ, Հիթ, Հիյաթ, Միթունի, Սավրա Սըղիրէ եւ Սուլթան Աթրաշի գիւղը եւն, ընդամէնը շուրջ 20 գիւղեր։ Տարտղնուած հայ անպաշտպան բեկորները 4-5 կայաններու մէջ կեդրոնացնելով, անոնցմէ 300 գաղթականներ կը տանին Էլ Էզրաք (որ Շէրիֆի բանակին պարէններուն եւ ռազմամթերքին կեդրոնավայրն էր)։ Սակայն, արաբական բանակին զինուց անսպասելի յաջողութիւնները փոխած ըլլալով պատերազմին յատակագիծը, յիշեալ զինուորական կայանը ամայութիւն մը կ’ըլլայ։ Ի վերջոյ, Էլ Էզրաքի` 300, Ճէպէլի` 1200, եւ հարաւէն ու այլ տեղերէ հաւաքուած 526 զաղթականները, թուով ընդամէնը 2026 հոգի կը փոխադրուին Պասր Էսկի Շամ եւ անկէ ալ Տէրա, այս վերջնոյն (Սեպտեմբերի վերջերը)` արաբ բանակէն գրաւուելովը։ Եօթնեղբայրեան ստիպուած կը մեկնի Դամասկոս եւ Հայոց Առաջնորդէն (Տ. Պետրոս եպս. Սարաճեան5) օգնութիւն կը հայցէ. այս վերջնոյն ժխտական պատասխանին վրայ, կը դիմէ Գաբիթէն Րիզանիին եւ կը յաջողի 1000 ոսկւոյ նիւթական օգնութիւն ստանալ, այդ դրամին շնորհիւ կարելի կ’ըլլայ ցորեն եւ այլն գնելով Տէրայի կարօտեալներուն բաշխել։ Դարձեալ Եօթնեղբայրեանի ջանքերուն շնորհիւ, այդ գաղթականները Տէրայէն ի վերջոյ երկաթուղիով կը փոխադրուին Դամասկոս։ Ապահի ուղարկած այս արշաւախումբին շնորհիւ է որ, Տէրայէն մէկ օրուան հեռաւորութեամբ ցրուած արաբ գիւղերէն` Թա’ալա, Ըսըլհա, Սամմայ, Սէմիյէ, Սիճին, Տիւվէրէ, Նէվայ, Սօմ, Խըշ-խըլի եւն, 800 հայեր եւս հաւաքելով կը տարուին Դամասկոս։ Արշաւախումբի անդամներէն, մասնաւորաբար Ուրֆացի Լեւոն Եօթնեղբայրեան6 եւ սսեցի Եսայի Գըրըշըքեան, Ճէպէլ Տրուզէն զատ կը շրջին Լիբանանի սահմանակից Քօնէթրայի եւ Քաթանայի կողմերը, ու տասնեակներով հայ աղջիկներ ու տղաք ազատելով Դամասկոս կը փոխադրեն։ Անոնք այդպիսով,
308
ամբողջ 10 ամիսներու ընթացքին, մօտաւորապէս 3000 անօգնական ու լքուած հայ տարագիրներու ազատարար զինուորներ կը հանդիսանան։ Կարելի չէ երեւակայել անապատի զրկանքները եւ դժուարութիւնները ու անտեսել վերոյիշեալ երկու ազնիւ հայոց ցոյց տուած անձնազոհութիւնը եւ կատարած փրկարար դերը, որոնք աւելի ուշ Ապահի միջոցաւ Եգիպտոսի Ազգային Միութենէն պիտի ստանային գնահատագրեր` ի վարձ իրենց ծառայութեանց։
Վրաններու յապաղած առաքումը Առաքելութեան կարգադրութեամբ, Օգոստոսի առաջին երեք շաբաթներուն ընթացքին, Ճէպէլ Տրուզէն – Քէրէկ – Թաֆիլէ – Ապի Լուսան եւ անկէ Աքապա կը փոխադրուին 100է աւելի տարագրեալներ, որոնցմէ հիւանդները եւ անկարողները կը ստանան բժշկական անմիջական խնամք։ Այդ օրերուն, ուրիշ մէկ զգալի պակասը, հետզհետէ ստուարացող գաղթականներու պատսպարութեան համար վրաններու չգոյութիւնը կ’ըլլայ։ Ապահ, սրտցաւ փութկոտութեամբ մը, Ապի Լուսանէն Ազգային Միութեան ուղղուած 20 Օգոստոս թուակիր հեռագրով, երկու խոշոր վրաններ կը պահանջէ. մին Ապի Լուսանի ցուրտէն, իսկ միւսը Աքապայի կիզիչ արեւէն պատսպարելու համար եկուոր հայ տարագիրները։ Սակայն պահանջուած վրանները Գահիրէէն Աքապա կը հասնին հեռագրուած թուականէն մօտ երկու ամիս վերջ, այսինքն Հոկտեմբեր 15ին, այնպիսի ատեն մը երբ Առաքելութիւնն ու գաղթականները պատրաստուած էին երեք օր վերջ ուղեւորելու Եգիպտոս։ Հետեւաբար, առանց իր նպատակին ծառայելու, անոնք նոյնութեամբ Սուէզ բերուելով, ուրիշ կարգ մը գոյքերու հետ կը յանձնուին Պ. Վահէ Ճէրահեանի։
Ֆէյսալի ուրիշ մէկ ազնիւ ժեսթը Ճէպէլ Տրուզէն Ապի Լուսան եղող այդ տարագիրներու վերոյիշեալ հարիւրեակէն զատ, 63 անձերէ բաղկացեալ ուրիշ կարաւան մը եւս կը յաջորդէ։ Առաջին առթիւ այս նորեկներուն անուանացանկը պատրաստելէ վերջ, Առաքելութիւնը կ’ուզէ ճշդել թէ անոնցմէ քանի՞ հոգի վճարած են ուղտերուն վարձքերը։ Պզտիկ քննութիւն մը ցոյց կու տայ թէ եկողներուն մէջէն տասը մտաւորականներ միայն վճարած են։ Կարաւանը փոխադրող 22 ուղտապաններ, հայ պատուիրակներուն երթալով, իրենց պահանջները կը ներկայացնեն։ Ապահ եւ Ստեփանեան կը դիմեն Ֆէյսալի, եւ իրաց վիճակը պարզելէ վերջ, նպաստ կը խնդրեն։ Յիշեալը, նախապէս իր ըրած բարեգործութիւնները պահանջքի տետրէն ջնջելէ զատ, ազնուաբար ընդառաջ երթալով Ապահի կրկնակի թախանձանքներուն, ժպտաշուրթն իր հաճութիւնը կը յայտնէ ու կը հրահանգէ Աքապայի կառավարիչ Շէյխ Եուսուֆին, այդ գաղթականները փոխադրող ուղտապաններուն պահանջքը (շուրջ 600 ոսկի) իր հաշւոյն անցընել։
309
Ապի Լուսանէն Աքապա Ապի Լուսանէն Աքապա մեկնող գաղթականները դեռ իրենց տեղը չհասած, Աքապա գտնուող հայոց մէջ անիշխանութիւնը ծայր կու տայ, ուր կը սկսին զիրար վարկաբեկել, նախատել եւ վերջապէս վէճ ու կռիւ յառաջացնել։ Իրերյաջորդ նամակներ եւ հեռախօսով դիմումներ կը տեղան Ապահի, որպէսզի ժամ առաջ Աքապա վերադառնայ ու տնօրինէ պարտ ու պատշաճը։ Ան, դժբաղդաբար տրամադրելի յարմար անձ մը չունենար որ կարենար Աքապայի մէջ փոխանորդել զինք։ Մարաշցի Յովհաննէս Գըլըճեան, Աքապայի վաղեմի գործակատարը, Յուլիսի վերջերը ստիպողաբար մեկնած էր Եգիպտոս ու հոն հիւանդացած ըլլալուն, ուշացուցած էր իր վերադարձը։ Յովհաննէս Թարխանեան (ուրֆացի, հացագործ) թէեւ Ապահի մօտ կը գտնուէր, սակայն անոր ներկայութիւնը կարեւոր էր։ Իսկ Ապահի համար Աքապա երթալ ու կրկին Ապի Լուսան վերադառնալ անկարելի էր, քանի որ ինքնաշարժ գտնելը` հազուադէպ, իսկ երեք օր ուղտով ճամբորդելը` տաժանելի էր։ Միւս կողմէ Ապահ, ստիպուած էր կարեւոր խնդիրներու համար Ֆէյսալի մօտ մնալ, մանաւանդ որ յիշեալը կը փափաքէր հայ չէթէական խումբ մը կազմել։ Այսուհանդերձ, տեղի տալով անյետաձգելի պահանջին, Ապահ եւ Ստեփանեան Օգոստոս 20ին կը վերադառնան Աքապա։ Հետեւեալ օրը, Ապահ քննութիւն մը կը բանայ ճշդելու համար պատասխանատուները։ Արդիւնքը շատ ցաւալի իրողութիւններ երեւան կը հանէ։ Յանցաւորները նիւթապէս եւ բարոյապէս կը պատժուին։
Տարագիրներու քէմբը Այդ անիշխանական դէպքերը որպէսզի չկրկնուին, եւ Աքապայի հայկական քէմբը առողջապահիկ պայմաններու եւ զինուորական ամենախիստ կարգապահութեան տակ մտնէ, Ապահ կը հաստատէ շարք մը կանոններ, ինչ որ ծոյլերու եւ ստահակներու գործին չի գար, քանի որ դրամով թղթախաղը կ’արգիլուէր, օրը երեք անգամ քէմբին մաքրութեան համար քիչ մը պիտի յոգնէին, իրենց առօրեայ ուտելիքներուն պաշարը պիտի փոխադրէին, գիշերները պահակ պիտի կենային եւն։ Շնորհիւ ձեռք առնուած միջոցներուն, տարագիրներու այդ վատառողջ բնակատեղին, տիպար քէմբի մը կը վերածուի, եւ նոյնիսկ օտար այցելուներու գնահատանքին կ’արժանանայ։ Օգոստոս 21ին, Ստեփանեան կը վերադառնայ Գահիրէ, որմէ Ապահ չափազանց գոհ մնացած էր` անոր ցոյց տուած գործունեայ, կարգապահ եւ ազնիւ բնաւորութեան համար. իսկ Ապահ, հայասէր ֆրանսացի Գաբիթէն Բիզանիի կարգադրութեամբ, այնուհետեւ ֆրանսական բանակատեղին կը փոխադրուի։
310
Տգեղ երեւոյթներ Աքապա ժամանող գաղթականներէն մեծ մասը, իրենք զիրենք չքաւոր ցոյց տալով, կը պարտադրէին որ Առաքելութիւնը վճարէր իրենց ուղտերուն վարձքերը։ Հետագայ դէպքերը սակայն երեւան կը հանեն թէ շատեր շոգենաւ նստելէ մէկ երկու օր առաջ, կ’երթան եւ իրենց քով գտնուած տասնեակներով ոսկեդրամները թղթադրամի վերածելով Եգիպտոս կը մեկնին, այդպէս օգտուիլ ուզելով` չքաւորներու եւ մերկերու տրամադրուած նպաստէն։ Այս տգեղ երեւոյթներուն անդրադառնալով, Ապահ, Ազգային Միութեան ներկայացուցած իր տեղեկագրին մէջ, կը գրէ. Այս անգամ Շէրիֆ Ֆէյսալի չէի կրնար դիմել, մանաւանդ որ անիկա բանակին հետ Էլ Էզրաք մեկնած էր։ Միւս կողմէ քովս գտնուած գումարը անբաւական էր` ամէնուն հաշիւները մաքրելու համար. հեռագրով դրամ ուզած էի Գահիրէէն, պատասխան եկած չէր7, մինչդեռ ուղտապանները տասնեակներով կու գային դրամ կը պահանջէին։ Ուստի ջանացի նորեկներուն հայրենասիրական զգացմանց կոչում ընել եւ խնդրել որ աջակից ըլլան ու ստեղծուած անել կացութենէն ազատեն զիս։ Կրկնակի կոչերուս, աղաչանքներուս անհետեւանք մնալը տեսնելով, ստիպուացայ վրանին խուզարկել տալ։ Կատարուած արդիւնքէն տեսնուեցաւ թէ ա՛յն մարդիկը որ իրենց պարտքը եղող տասնական ոսկիները վճարելու բացարձակապէս անկարող ցոյց կու տային, անոնց իւրաքանչիւրին քովէն գտնուեցան 25, 50, 80, 150 եւ աւելի ոսկիներ։ Անոնցմէ որ պզտիկ գումարներ ունէին, օրինակ 5, 8, 10 եւն, գտնուած գումարին կէսը միայն կ’առնուէր եթէ ընտանիքի տէր չէին, իսկ մնացեալը մեր կողմէն կը վճարուէր, ինչպէս որ ձեռքիս տակ եղած վաւերաթղթերը կը հաստատեն։ Այս տխուր բարքերուն ի տես եթէ չհանդիպէի Սարըեաններու8, Խըրըտեաններու9 եւ Թումաճանեաններու10 պէս գոհարներու, աւելորդ պիտի համարէի վայրկեան մը իսկ հոն մնալ, ուր արդէն կլիման դժոխային ու կեանքը կատարեալ տանջանք մըն էր...։ Ու քիչ մը վարը, Ապահ դառնութեամբ նկատել կու տայ իր մասին եղած այն անհիմն տարաձայնութիւնները, որոնք իր Եգիպտոս գալէն վերջ կը սկսին շրջան ընել ժողովրդային խաւերու մէջ, իբրեւ թէ զեղծում գործած ըլլար` խստօրէն վարուելով, ունեւոր տարագիրներու հանդէպ։
Մինչեւ օրս, - կը յարէ Ապահ, - երբեք մտքէս անցուցած չեմ կատարած պարտականութեանցս փոխարէն քաջալերիչ բառ մը լսել. սակայն, միեւնոյն ժամանակ ալ չպիտի ներեմ որ իմ ծառայութեանցս փոխարէն վարկաբեկեն զիս։ Արդ, եթէ այս չարախօսութեանց հիմը փնտռել ուզենք պիտի տեսնենք որ միակ դրդապատճառը, ունեւոր գաղթականներէն` իրենց պարտքի առջեւէն առնուած գումարներն եղած են։ Ուրեմն, եթէ սխալած եմ, Հայ Ազգային Միութիւնը թող զիս դատապարտէ ու առնուած դրամները իրենց տէրերուն վերադարձնէ։ Իսկ եթէ արդարանալի են ըրածներս, շա՜տ իրաւամբ կը պահանջեմ որ
311
հրապարակաւ հռչակէ ճշմարտութիւնը ու դատապարտէ անիրաւ զրպարտիչները...։ Նո՛յնը պիտի պահանջեմ նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութենէն եւ Եգիպտահայ Նպաստամատոյց Մարմնէն, որոնք իրենց վերաբերեալ ապրանքներուն վաճառումէն գոյացած գումարները ստացած են արդէն։ Իբր լրացուցիչ բացատրութիւն, տանք նաեւ Վահան Թէքէեանի գրչէն ելած եւ Աղեքսանդրիոյ Արեւի 25 Նոյեմբեր 1918 թիւին մէջ հրատարակուած խմբագրական յօդուածին («Յոյսի եւ յուսալքման պատճառներ» խորագրով) այն յատկանշական մասը, որ հրապարակաւ տրուած պատասխանն է վերոյիշեալ զրպարտութեանց. Ցարդ Արեւի խմբագրութեան մէջ ստացուած ոչ մէկ նամակ այնքան ընկճած էր մեզ – եւ Աստուած գիտէ թէ չորս տարիէ ի վեր ամէն տեսակները ստացած ենք – որքան երկու օր առաջ Բօր-Սայիտէն հայ կամաւոր զինուորի մը ղրկած մէկ նամակը։ [...] Սուէզի մէջ Աքապայէն եկող մէկ քանի հոգիներէ լսած է թէ` Ապահ ծախած է փախստականներու համար ղրկուած հագուստեղէնները եւ որպէսզի խնդրոյն իրազեկ եօթը երիտասարդներ զինք չմատնեն` զանոնք զինուորագրութենէ ազատ թողած է...։ Ապահին նախատինք մը պիտի ըրած ըլլայինք եթէ այս մասին ոեւէ բացատրութիւն սպասէինք։ [...] Եւ նամակը որուն վրայ կը խօսինք, կ’եզրակացնէ ըսելով թէ Եգիպտոսի Ազգային Մարմինները թո՛ղ յոգնութիւն չառնեն Սիւրիա պատուիրակներ ղրկելու11` որովհետեւ անոնք ալ անպատճառ իրենց շահուն պիտի ծառայեցնեն նպաստի գործը, իրենց վստահուած գումարներէն «հազիւ միայն 100ին 30ը նպատակին ծառայեցնելով...»։ [...] Արդ, ասիկա ոչ միայն զզուելի այլ չափազանց տրտմեցնող եւ մարդուն ուժը կտրող բան մըն է։ [...] Կ’ամբաստանեն` առանց ապացոյցի։ Ապացուցուած զեղծումներու վրայ նուազ կը խօսին քան այս կարգի անհիմն զրոյցներու վրայ, եւ ճշմարիտ զեղծումին համար ալ` պատիժ չեն պահանջեր։ Ոչ ոք ազատ է իրենց կասկածանքէն, եւ որպէսզի իրենք գոհ ըլլան` կը նախընտրեն որ ազգային ամէն գործ երեսի վրայ թողուի քան կատարուի իրենց չհաւնած (եւ որո՞ւ կը հաւնին արդէն) ազգակիցներուն կողմէն։ Ազգային Միութեան Գահիրէի Կեդրոնական Դիւանը եւս հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը հրատարակէր` Արեւի 26 Դեկտեմբեր 1918ի թիւին մէջ. ԱՔԱՊԱՅԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇԻՒՆԵՐԸ Նախընթաց լիակատարին` Աքապայի Առաքելութեան պետ Տիար Ապահ Պետրոսեան, ընդարձակ տեղեկագիր մը մատուցած էր իր առաքելութեան մասին եւ ներկայացուցած էի իր հաշիւները ու ժողովը Հաշուեքննիչ Յանձնաժողով մը նշանակած էր այդ հաշիւները քննելու պաշտօնով։ Այս անգամ Յանձնաժողովը իր պաշտօնը աւարտած եւ տեղեկագիր մը մատուցած էր որմէ կը տեսնուէր թէ հաշիւները կանոնաւոր են ու մատակարարութիւնը խղճամիտ կերպով
312
կատարուած է. ուստի ժողովը միաձայնութեամբ վաւերացուց Տիար Ապահ Պետրոսեանի հաշիւները եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց անոր բարւոք գործունէութեան համար։ Կարապետ Կէօքտէրէլեանի «ելոյթ»ը Բնիկ ատանացի տարեց փաստաբան Կարապետ Կէօքտէրէլեան, Ճէպէլ Տրուզէն Ապի Լուսան եւ անկէ Աքապա անցնող 60 հոգինոց կարաւանին մաս կը կազմէր։ Այս երբեմնի հանրածանօթ օրէնքի մարդը, արտառոց գաղափարներով տոգորուած, կ’ուզէր նոր աղանդ մը ստեղծել` օգտուելով հայահալած քաղաքականութեան պատճառով բռնի իսլամացման բազմաթիւ դէպքերէն։ Անոր նպատակն էր ուրեմն` հայ-մահմետականութեան ուրոյն յարանուանութիւն մը կազմել` ապաւինելով Շէրիֆ Ֆէյսալի աջակցութեան։ Այդ մտքով Կէօքտէրէլեան Ապի Լուսանի մէջ տեսակցած էր Ֆէյսալի հետ եւ արժանացած այս վերջնոյն բացայայտ համակրութեան։ Երբ Առաքելութիւնը Սեպտեմբերի սկիզբները Ապի Լուսանէն Աքապա կը մեկնի, Կէօքտէրէլեանի ընկերացող մտաւորականներէն ոմանք, Ապահի կը յայտնեն Ատանայի փաստաբանին նոր «ելոյթ»ը։ Ապահ, իսլամութեան հակամէտ այդ շարժման մէջ տեսնելով ապագայի ազգավնաս հետեւանքները եւ ուզելով իր սաղմին մէջ խեղդել զայն, Աքապայէն հեռախօսով իր մօտ կանչել կու տայ Կէօքտէրէլեանը (որ տակաւին Ապի Լուսան կը գտնուէր եւ իր նպատակը նուիրագործող Ֆէթվան հանելու կ’աշխատէր` Ֆէյսալի միջոցաւ)։ Փափուկ դրութեան մը մէջ կը գտնուէր Ապահ. ան կ’ուզէր մէկ կողմէն առաջքը առնել ազգավնաս նոր շարժումի մը, առանց սակայն վշտացնելու Ֆէյսալը, որ քանիցս ապացոյցը տուած էր իր հայասիրութեան։ Ու Կէօքտէրէլեան, Ապահի մօտ կը գտնէ առ երես համակրութիւն մը իր ծրագրին նկատմամբ. եւ իբրեւ չարիքի մը փոքրագոյնը, 10 հոգինոց զինեալ խումբ մը ու Ֆէյսալի ուղղեալ յանձնարարական նամակ մը կը տրուի իրեն, երթալ կռուելու համար Շէրիֆեան զինուորներու կողքին։ Կէօքտէրէլեան, տղու մը պէս խանդավառուած ճամբայ կ’ելլէ Աքապայէն, սակայն հազիւ մինչեւ Տէրա’ա հասած, իրեն ընկերացող հայերը կը լքեն զինքը (քանի որ Սեպտեմբերի վերջերը Տէրա’ա կ’իյնար դաշնակիցներու ձեռքը), եւ յուսահատ, ան ի վերջոյ կ’ապաստանի Երուսաղէմ, իր ծրագրին ջուրը իյնալը տեսնելէ վերջ։
Ճէպէլ Տրուզ մեկնելու ծրագիր մը Կէօքտէրէլեանի Աքապայէն մեկնելէ վերջ, անգլիական սուրհանդակ` Էլ էզիաքէն 24 Սեպտեմբեր թուակիր նամակ մը կը բերէ` հաճընցի փախստական սպայ` Պօղոս Քէշիշեանի ստորագրութեամբ։ Յիշեալը, Դամասկոսէն Սուէյտա (Ճէպէլ Տրուզ) անցնելով, հանդիպած էր` Առաքելութեան ուղարկած արշաւախումբի անդամներուն, որոնց շնորհիւ 2500 հայեր հաւաքուած էին հոն, եւ ուրիշ
313
150 տարագրեալներ ալ Ճամբայ հանուած էին Էլ Էզրաք, անկէ Աքապա ուղեւորելու համար։ Նամակագիրը կ’աւելցնէ թէ Էլ Էզրաք հաւաքուած գաղթականները խղճալի վիճակի գտնուելով, Ապահի հո՛ն ներկայութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ։ Այս սրտաճմլիկ լուրին վրայ, Ապահ նամակով մը կը դիմէ Ֆէյսալի, որ իր կարգին բարութիւնը ունենայ Ճէպէլ Տրուզի շէյխերուն հրահանգելու` անհրաժեշտը տնօրինելու համար։ Բաց աստի, առանձնապէս ուրիշ նամակներ եւս կը գրէ Տիւրզի վեց գլխաւոր շէյխերուն, ինչպէս նաեւ հեռագրով դրամական օգնութիւն կը պահանջէ Գահիրէի Հայ Ազգային Միութենէն։ Գահիրէ վերադառնալու ծրագիրը պահ մը մէկ կողմ թողլով, ան կ’որոշէ, դրամը հասնելուն պէս Ճէպէլ Տրուզ մեկնիլ։ Այս նպատակով կը հեռաձայնէ` Մաան գտնուող Շէրիֆ Զէթին (կրտսեր եղբայր Ֆէյսալի) յայտնելով իր մտադրութիւնը եւ անոր օժանդակութիւնը խնդրելով` ուղտերու հայթայթման եւն, հարցերու մասին։ Մեկնումի պատրաստութիւնները կը տեսնուին. Ապահի ընկերանալիք 14 հոգինոց (մեծ մասամբ տարագիր զէյթունցիներէ բաղկացած) զինեալ խումբ մը կը կազմուի իր անհրաժեշտ բոլոր կազմածներով. Գահիրէէն, թէեւ քիչ մը ուշ (15 օրէն) դրամը կը հասնի, ու մեկնումին մէկ օր մնացած, վերջին պահուն Շէրիֆ Մաանէն հեռախօսով կը հաղորդէ Ապահի թէ աւելի կանուխ ճամբայ ելած չըլլալուն, այլեւս աւելորդ կը նկատէր այդ ծրագիրը գործադրել, մանաւանդ որ ճանապարհները վտանգուած ըլլալնուն, ան կը թելադրէր փոխան անապատային ճամբու, Եգիպտոսի վրայով երթալ Դամասկոս, քանի որ այս վերջինը ինկած էր Դաշնակիցներուն ձեռքը (1 Հոկտեմբեր 1918)։ Այս լուրին վրայ, Աքապայէն Եգիպտոս վերադառնալէ առաջ, Ապահ նամակներ կ’ուղարկէ Ճէպէլ Տրուզի հայոց թէ այլեւս աւելորդ էր Աքապա փոխադրուիլ, ու անոնց կը թելադրէ Տէրա կամ Դամասկոս երթալ։
Յովհաննէս Գըլըճեանի պաշտօնը Թաֆիլէ, Քէրէք, եւն տեղեր գտնուող հայ տարագրեալները հաւաքելու եւ զանոնք Դամասկոս կամ Երուսաղեմ փոխադրելու համար, Ապահ կ’որոշէ նաեւ Աքապայէն ճանապարհ հանել մարաշցի Յովհաննէս Գըլըճեանը (որ ինչպէս կը յիշէ ընթերցողը, կարճ ատենուայ մը համար Եգիպտոս ուղարկուած էր), այդ նպատակով անոր յանձնելով յիսուն անգլիական ոսկւոյ գումար մը, ինչպէս նաեւ յանձնարարագրեր` իր պաշտօնը դիւրացնելու, եւ հրահանգներ` Երուսաղէմի Տ. Գիւտ եպս. Մխիթարեանի համար։
Տարագրելոց համար հանդերձեղէններ եւ ուտեստեղէններ Առաքելութեան Գահիրէէն Աքապա ժամանելէն երեք ամիս առաջ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի
314
եւ Եգիպտահայ Նպաստամատոյց Մարմնոյ կողմէ, յօգուտ Թաֆիլէի հայ տարագրելոց, Անգլիական Զինուորական Իշխանութեանց միջոցաւ, յիշեալ վայրը կ’ուղարկուին հանդերձեղէններ եւ ուտեստներ, որոնք Անգլիական Զինուորական Իշխանութեանց հսկողութեան տակ մնալով հանդերձ, երբ Առաքելութիւնը Աքապա կը ժամանէ, ցաւով կը տեղեկանայ թէ անոնցմէ մօտաւորապէս 300 ոսկւոյ արժողութեամբ ապրանքներ գողցուած են։ Իշխանութեանց մօտ դիմումներ կը կատարուին. թէեւ կարելի չըլլար գտնել պատասխանատուները, սակայն մնացեալ ապրանքները (որոնք բացօթեայ տեղեր մնալով փճանալու ենթակայ էին) գէթ կորուստէ փրկելու համար, կը զետեղուին Աքապայի բերդին մէջ, եւ այնուհետեւ հոն ժամանող տարագրելոց կը բաշխուին։ Սակայն, Դամասկոս ազատագրուելէն վերջ (1 Հոկտեմբեր 1918), երբ Աքապայի գիծը ինքնին անպէտ կը դառնայ, Ապահ յարմարագոյն կը սեպէ, փոխանակ ուտեստները Եգիպտոս փոխադրելու, որ մեծ մասամբ մգլոտած էին, տեղւոյն վրայ ծախել։ Նոյնը կ’ըլլայ չձեւուած կերպասներու համար, այնպէս որ առաջինէն կը գոյանայ 5630 Ե.Դ. եւ կը յանձնուի նպաստամատոյցին, իսկ երկրորդէն` 6480 Ե.Դ., եւ երկու հակ զգեստներու հետ կը յանձնուի Հ.Բ.Ը.Միութեան։ Ստորեւ կու տանք` խնդրոյ առարկայ Գահիրէէն Աքապա ուղարկուած ապրանքներուն երկու ցուցակները։
Ցուցակ Ա.
Գումար
14 Մարտ 1918ին, յօգուտ Թաֆիլէի հայ տարագրելոց Հ.Բ.Ը.Միութեան Աքապա ուղարկած հանդերձեղէնները (Անգլիական Զինուորական Իշխանութեանց միջոցաւ) 264 հատ կանանց շրջազգեստ 371 հատ կանանց շապիկ 266 հատ կանանց ճերմակեղէն-ներքնազգեստ 125 հատ արանց շապիկ 125 հատ արանց վարտիք 385 հատ աղջկանց եւ մանչոց ներքնազգեստ 1536 հատ հագուստեղէն (33 ծրարներու մէջ)
37 ծրար Ամերիքան եւ Քասթոր 29 ծրար Քասթոր 1 տուփ ասեղ (200 փոքր ծրար) 6 մկրատ 18 ծրար դերձան ճախարակ 12 տուփ կոճակ 6 տուփ մատնոց
315
Գումար
Ցուցակ Բ.
Գումար
109 ծրար կարի պիտոյքներ
Եգիպտահայ Նպաստամատոյց Մարմնոյ ուղարկած ուտեստեղէնները (Հ.Բ.Ը.Մ.ի միջոցաւ)
30 պարկ ալիւր 3000 քիլօ 15 պարկ բրինձ 1500 քիլօ 8 պարկ պլղուր 700 քիլօ (3 պարկը պակաս) 4 պարկ շաքար 400 քիլօ (3 պարկը պակաս) 3 պարկ աղ 300 քիլօ 3 պարկ օճառ 225 քիլօ (3 պարկը պակաս) 2 սնտուկ իւղ (4 թիթեղ) 90 քիլօ (2 սնտուկ պակաս) 1 սնտուկ թէյ 25 քիլօ (1 սնտուկ պակաս) 66 կտոր ուտեստեղէններ 6240 քիլօ
Առաքելութեան տուած արդիւնքը եւ վերադարձ Եգիպտոս Աքապայի գծով Ճէպէլ Տրուզի հայ տարագիրները Եգիպտոս փոխադրելու հարցը ինքնին շատ ձախող ու վտանգաւոր քայլ մը կ’ըլլայ։ Այդ վտանգը նախատեսելով է որ, հակառակ Աքապայի Առաքելութեան առջեւ հանուած շատ մը դժուարութեանց, կարելի կ’ըլլայ այդ հոսանքին վերջ մը տալ, ապա թէ ոչ, քիչ ատենուայ մէջ, նուազագոյնը 1000ի չափ գաղթականներ Աքապա եկած պիտի ըլլային, որով առ նուազն 10,000 ոսկւոյ12 պարտքի մը հանդէպ պիտի գտնուէր եգիպտահայութիւնը։ Այս մտավախութեամբ է որ Առաքելութիւնը իր պաշտօնին ստանձնած մէկ օրէն կը ջանայ համոզել բոլոր պետէվի ուղտապանները որ գաղթականներ չփոխադրեն Աքապա, հակառակ պարագային որեւէ վճարում պիտի չըլլար։ Միւս կողմէ գրաւոր թէ բերանացի կը հրահանգէ Ճէպէլ Տրուզի գաղթականներուն` մնա՛լ իրենց տեղերը, մինչ վերջնական կարգադրութեան։ Սակայն, մինչ այդ «կարգադրութիւն»ները, արդէն 450ի չափ գաղթականներ կը հասնին Աքապա, որոնցմէ 325 հոգիներ, Առաքելութեան խնամքին եւ հոգածութեան յանձնուելով կ’ուղարկուին Եգիպտոս13։ Արդ, ինչպէս յայտնի է ընթերցողին, Աքապայի Առաքելութիւնը ո՛չ միայն իր կարելին կ’ընէ ապագայ անպատեհութեանց առաջքը առնելու, այլ եւ իր բոլոր կորովն ու ջանքը կը թափէ գտնելու այնպիսի միջոցներ որոնց շնորհիւ պիտի կարենար 2000էն աւելի գաղթականներ, նիւթական ջնջին զոհողութեամբ մը փոխադրել Աքապա։ Իրերյաջորդ քաղաքական դէպքերու բերմամբ, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի գրաւումով հարկ չի մնար այլեւս այդ միջոցներուն գործադրութեան,
316
պատերազմի ճակատագիրը այլ կերպ տնօրինուած ըլլալով։ Չորեքշաբթի, 16 Հոկտմբերին, Ապահ իր հետ առնելով տարագիրներու մնացորդը (շուրջ 100 հոգի), Գաթօրիա շոգենաւով Աքապայէն ճամբայ կ’ելլէ դէպի Բօր-Սայիտ, ուր կը հասնի Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19ին, եւ անկէ նոյն գիշերն իսկ, երկաթուղիով կը ժամանէ Գահիրէ։
Աքապայի Ֆրանսական Զինուորական Իշխանութեանց կողմէ տրուած վկայական14 Ֆրանսական Զինուորական Առաքելութիւն Եգիպտոսի Աքապայի Ջոկատ Ստորագրեալս, փոխ-տեղակալ Վիզէրն, հրամանատար Աքապայի ֆրանսական ջոկատին, կը վկայեմ թէ Պ. Ապահ Պետրոսեան, որ մեզի ներկայացուեցաւ` Եգիպտոսի Ֆրանսական Զինուորական Առաքելութեան պետին` Գաբիթէն Բիզանիի կողմէ, եւ որ պաշտօն ունէր, իբր պատգամաւոր Եգիպտոսի Հայ Ազգային Միութեան` Աքապայի շրջակայքին մէջ գտնուող հայ գաղթականները ազատագրելու, մեր մօտ իր բնակութեան ընթացքին, գործելով` գնահատելի եւ խղճամիտ անձնուիրութեամբ մը, մեծ ծառայութիւններ մատոյց թէ՛ հայ տարագրելոց ազատագրման հարցին եւ թէ՛ Ֆրանսայի նկատմամբ։ Աքապայի մէջ իր պաշտօնը կատարելէ վերջ, Պ. Պետրոսեան մտադիր է ուղեւորիլ Դամասկոս, իր առաքելութիւնը շարունակելու համար։ Աքապա, 9 Հոկտեմբեր 1918 Հրամանատար Աքապայի ֆրանսական ջոկատին (Ստորգր.) Վիզէրն (փոխ-տեղակալ) Աքապայի Անգլիական Բանակի հրամանատարը` Մէյճըր Սքաթ, Հոկտեմբեր 16ին Ապահի ողջերթ մաղթելու համար անձամբ շոգենաւ երթալով, անոր կը յանձնէ անգլիերէն վկայագիր մը, կամ աւելի ճիշդ գնահատագիր մը, որուն թարգմանութիւնը կու տանք ստորեւ. ՎԿԱՅԱԳԻՐ Կը փափաքինք վկայել թէ` մեծապէս կը գնահատենք այն ծառայութիւնները զորս մատոյց Հայկական Առաքելութեան պետ Պ. Ապահ Պետրոսեան, որ հիւսիսային Հիճազ եկաւ երեք ամիս առաջ։ Ան, ո՛չ միայն ըրաւ ամէն ինչ որ մարդկայնօրէն հնարաւոր էր իր տառապեալ հայրենակիցներուն ցաւերը մեղմացնելու համար, այլ եւ մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ մեզի, իր պաշտօնին բերմամբ դիւրացնելով մեր գործը, ի մասին հայ ապաստանելոց փոխադրութեանց, բժշկական հարցաքննութեանց եւ այլ այս կարգի խնդիրներու մէջ։ Ապահ Պետրոսեան ունի կենցաղագիտութիւն, խոհականութիւն եւ անվրէպ ազնուութիւն. իր այդ յատկութեանց շնորհիւ, ան ինքզինքը սիրելի ընծայեց բոլոր անոնց, որոնք հաւաքուած էին հոս, պատերազմի այս թատերավայրը։
317
Մեզմէ կը մեկնի մեր լաւագոյն մաղթանքներով, ու վստահ ենք թէ յաջողութիւնը պիտի ընկերանայ` իր ստանձնած հայրենասիրական ազնիւ գործին մէջ։ Աքապա, 16 Հոկտեմբեր 1918 Աքապայի Անգլիական Զինուորական Հրամանատար (Ստորագր.) Մէյճըր. Ր. Հ. Սքաթ Հիճազի Արշաւող Բանակի պետ` (Ստորագր.) Մէյճըր Վ. Է. Մարշալ
Հայ արծիւներու բոյնը 1917ի վերջերը, աշխարհաւեր պատերազմին եւ հայահալած դէպքերու հետեւանքով, հայ գաղթականութեան հոսանք մը կը խուժէ Եգիպտոս։ Այդ գաղթականութեան մէջ կը գտնուին քանի մը հատ զէյթունցիներ, որոնցմէ հաճի Կարապետ Գոմուվեան (անուս եւ տարեց Զէյթունցի մը), հազիւ Գահիրէ հասած, ոմանց թելադրութեամբ գրի առնել կու տայ հին օրերու իր յուշերը` մինչեւ տեղահանութիւն եւ աքսոր, ու Զէյթունի անցեալը անուն զրքոյկի մը մէջ ամփոփելով լոյս կ’ընծայէ` հանրութենէն նպաստաւորուելու ակնկալութեամբ։ Սխալներով լի այս խեղճուկ պրակը առիթ կ’ընծայէ Ապահի որ խզէ` քաղաքական պատճառներու բերմամբ, տարիներու իր պահած լռութիւնը եւ ձեռնարկէ այլեւս, այնքան անհամբերութեամբ սպասուած իր յուշերու հրատարակութեան։ Ապահ իր յուշերը գրելու համար իբր աղբիւր ձեռքի տակ ունէր միայն Աղասիի ֆրանսերէն Զէյթունը, Սեմերճեանի Զէյթունի անցեալէն ու ներկայէն անուն երկու հատորները, Սմբատ Բիւրատի Զէյթունի վրէժը վէպը եւ ուրիշ մէկ-երկու մանր պրակներ։ Անոնցմէ բացի առաջինէն, վաւերական արձանագրութիւններ չէին բովանդակեր։ Աղասիի Զէյթունը ֆրանսերէն ըլլալուն, նախ անկէ կարեւոր քաղուածքներ թարգմանել կու տայ` Գահիրէի Գալուստեան Վարժարանի ուսուցիչներէն` Վարդան Գէորգեանի15։ Իր անձնական նօթերը, թղթածրարները, այն ատեն ցիր ու ցան, չէին կրնար գոհացնել զինք։ Առաւելապէս իր յիշողութենէն պիտի օգտուէր։ Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ ժամանակը եւ պայմանները։ Ինք, բազմանդամ ընտանիքի մը հայր, օրուան հոգերով բեռնաւոր, ու ազգային զանազան պաշտօններով կլանուած ըլլալով հանդերձ, գիշերուան իր հանգիստի ժամերէն զոհելով, երկու ամսուան մէջ (1918 Փետրուար-Մարտ) կը լրացնէ Հայ արծիւներու բոյնը, որ ուրիշ բան չէր, բայց եթէ դրուագներ` Զէյթունի 1895ի դէպքերէն։ Այդ պիտի ըլլար, իրմէ մնացած միակ գրական աշխատութիւնը, որ յաւելումներով ու մեկնաբանութեամբ լիովին արտատպած ենք մեր ներկայ հատորին մէջ։ Հրատարակութեան ծախսերուն իբր մեկենաս, ի բացակայութեան Պօղոս
318
Փաշա Նուպարի, անոր երկու որդիները Առաքել եւ Վահրամ Պէյեր, սիրով կ’ընդունին իրենց եղած առաջարկը ու առաջինը 25, իսկ երկրորդը 15 եգ. ոսկի կը տրամադրէ։ Գիրքը, զգայուն արտայայտութեամբ մը կը ձօնուի Առաքել Պէյի անուան։ Գահիրէի Ոսկետառ նորահաստատ տպարանի (սեփականատէր` Երուանդ Մսրլեան) առաջին գործը կ’ըլլայ այս 134 էջերէ բաղկացեալ պատկերազարդ գրքոյկը որ լոյս կը տեսնէ 1919 Յունուարին16։ Ձեռագրի, ինչպէս նաեւ տպագրական փորձերու սրբագրութիւնները, գլուխներու դասաւորումը եւն, այնքան ձեռնհասութեամբ ու ազնուաբար կը ստանձնէ` ողբ. Բրօֆ. Յովհաննէս Գայաեան, տնօրէն Գալուստեան Ազգային Վարժարանաց. ինք ալ նախկին Հնչակեան մը։ Գայաեան յայտնի մանկավարժ-դաստիարակը, իր այդ ժեսթով «հիացումի տուրքը կը փափաքէր հատուցանել հանդէպ հերոսական Զէյթունի պատմական շարժման», ինչպէս քանիցս արտայայտուած էր։ Գրքոյկի բովանդակութեան մասին, Ապահ իր գրած յառաջաբանին մէջ կ’ըսէ. Գրքիս ծաւալէն իսկ կարելի է դատել թէ 1895ի Զէյթունի դէպքերուն կատարեալ մանրամասնութիւններն իսկ չի պարունակեր ան. ու եթէ գրել հարկ ըլլար` հատորներ կարելի էր առաջ բերել։ Այդ կը թողում ապագայ հայ պատմաբանին, որ անաչառ կերպով պիտի գրէ հայկական քաջագործութեանց եւ եղերերգութեանց մանրամասն նկարագրութիւնները17։ Ու քիչ մը վարը, ան իր նպատակը բացատրելով կը յարէ. Հրատարակութեանս միակ շարժառիթն եղած է տալ ուրուագիծ մը` պատմական կատարեալ ճշդութեամբ, եւ զայն նուիրել ներկայ եւ ապագայ հայ սերունդին, որ գիտակ մնան թէ` Զէյթունի պէս առիւծասիրտ ժողովուրդ մը կոչուած էր ընդհանուր հայութեան ճակատագիրը փոխել, եթէ հայ ազգին պատասխանատու մարմինները իրենց կոչման եւ դերին բարձրութեան վրայ գտնուած ըլլային...։ Միեւնոյն ժամանակ, աչքի առջեւ ունենալով` Եգիպտոս ժամանող կամ այլուր գտնուող զէյթունցի վերապրող բեկորներու թշուառ ու լքեալ վիճակը, խղճի պարտք կը զգամ այս գրքոյկներուն զուտ հասոյթը յատկացնել` չըսեմ ապրեցնելու` այլ գէթ մխիթարելու համար զանոնք իրենց դժբաղդութեան մէջ։ Առանձին «Կոչ»ով, գրքոյկները տեղաւորելու եւ նպաստները հաւաքելու համար կը կազմուի Յանձնախումբ մը, բաղկացած հետեւեալ ազգայիններէն. Վեր. Հ. Ս. Խանդամուր, Տեարք Տօքթ. Ն. Քէչէճեան18 (գանձապահ), Խաչատուր Գուրեան19, Անդրէաս Տէր Անդրէասեան, Կարապետ Գանարեան եւ Մարտիրոս Պալաեան։ Այդ «Կոչ»ին մէջ, Ապահ իր միտքը աւելի եւս կը լուսաբանէ երբ կ’ըսէ թէ
319
«գլխաւոր նպատակս եղած է` Հայ-Ազատամարտին մէջ Զէյթունի կատարած հոյակապ դերը մօտէն ծանօթացնել մեր ժողովուրդին, նոյն ատեն անոր ներշնչելով այն հերոսական ոգին` որ Հայ Արծիւներու Բոյնը դարերով անմատչելի դարձնելով թուրք բռնակալութեան, բարձր պահեց ցեղին մարտական պատիւն ու համբաւը»։ Գրքոյկի վերջաւորութեան, իբր յաւելուած կայ «քանի մը խօսք` Զէյթունցի երիտասարդ մտաւորական Եդուարդ Ոսկերիչեանի20 կողմէ»։ Յիշեալէ ստորագրուած եւ Ապահի գրչէն ելած այն յաւելուածը, սեղմ տողերու մէջ տալով Ոսկերիչեանի կենսագրական գծերը, կերպով մը կարելի է նկատել` Զէյթունի մասին Ապահի թողած պատմութեան շարունակութիւնը եւ լրումը մինչեւ գրքի հրատարակութեան թուականը, «ձգելով յաջորդ սերունդին, կ’ըսէ «Յաւելուած»ը, անո՜ւշ ու քաղցր յիշատակներու հետ` մորթոտուած եւ մարտիրոսացած հայութեան ամենադառն իրականութիւնը»։ Հաճընցի Մարտիրոս Ոսկեան (Վտարանդի), իր գրախօսականին մէջ կ’ըսէ.
Հայ արծիւներու բոյնը. – Զէյթունի 95-96 թուականներուն մղած հերոսական կռիւներուն պատմութիւնն է անիկա, որ իր սեղմ ու կուռ գծերուն մէջ, ուր Պ. Ապահի պատմելու եւ նկարագրելու ընդունակութիւնը ի յայտ կու գայ իր լիութեամբ։ Հայ արծիւներու բոյնը իբրեւ պատմութիւն կատարեալ գործ մըն է։ Ի փոքր տիոց ես շատ բան կարդացած եմ այդ մասին, գրուած` հէք գրչակներէ, որոնք, փոխանակ Զէյթունի այդ պատմական դէպքին ճշգրիտ նկարագրութիւնը ընելու, բացայայտ ճիգ մը ըրած են իրենց անունը կապելու այդ հերոսաքաղաքին անուան, չիւրացուած տաղաչափութեան կամ ուռուցիկ հռետորութեան մը խժալուր աղմուկին մէջ խեղդելով ամբողջ հոյակապ շքեղութիւնը Կռիւին, զոր մղած էր զէյթունցին իր անմատչելի լեռներուն սեպութեանցը վրայ։ Ու Պատմութիւնը – բուն Պատմութիւնը – իր պարզ, անսեթեւեթ ու անպաճոյճ մանրամասնութեանը մէջ կը մնար անպատմելի։ Պատմութիւն մը որ ինքնին դիւցազներգութիւն մըն է, ինքնին քերթուած մը, հզօրապէս, ահաւորապէս տաղուած քերթուած մը` նոյնիսկ արձակին անկշռոյթ գնացքին (allure) մէջ։ Եւ Պ. Ապահ կու գայ գրել այդ պատմութիւնը։ Ինծի կու գայ թէ իրմէ զատ ալ ոչ ոք ձեռնհաս էր զայն գրելու, այնքան կատարեալ, այնքան ճշգրիտ, քանի որ անձնուէրներու այդ հոյակապ փաղանգէն ինքը կը մնայ միայն գրեթէ։ Շատերը ինկան գաղափարի ճամբուն վրայ։ Հայ արծիւներու բոյնը ժամանակագրական ճշգրիտ թուականներէ, վաւերաթուղթերէ եւ ղիւցազնական փաստուած դրուագներէ զատ, կը պարունակէ բազմաթիւ պատկերներ` անձերու եւ վայրերու, որոնցմով այդ պատմագիրքը կը դառնայ աւելի կատարեալ, աւելի խօսուն եւ շահեկան։ Խնդիրը շատ գրելուն, շատ հեղինակելուն վրայ չէ. ապրելիք գործ մը մէջտեղ հանելն է անհրաժեշտը։ Այս իմաստով Պ. Ապահի գիրքը, իբրեւ էջ մը պատմութիւն, ապրելու սահմանուած է21։
320
ՀԱՇՈՒԵՑՈՒՑԱԿ Հայ արծիւներու բոյնը, տպագրուած` 900 օրինակ, հատը` 15 Ե.Դ.։
ՄՈՒՏՔ Առաքել Պէյէ Վահրամ Պէյէ Վաճառուած 400 օրինակներէ գոյացած հասոյթ Գումար մուտքի ԵԼՔ Ոսկետառ Տպարանի Տպագրական թուղթի Վ. Գէորգեանի աշխատավարձ Ա. Ֆէնտեանի 11 քլիշէներու Գանձողչէք Զանազանք Տրուած նպաստ 10 Զէյթունցւոց Գումար Ելքի
Ե.Դ. 2500 2400 1500 600 500 500 2000 10000
Ե.Դ. 2500 1500 6000 10000
Ինչպէս կը տեսնուի վերոյիշեալ հաշուեցուցակէն, տպագրական գործերու ամէնէն աւելի սղութեան շրջանի մը մէջ, շնորհիւ բարեսիրտ ազգայիններու, Ապահի գրքոյկներու կէսի սպառումէն միայն, զուտ հասոյթ կը գոյանայ 2000 Ե.Դ. որ ի ներկայութեան վկաներու, կը յատկացուի` Ապահի շնորհիւ գերանոցներէն ազատուած ու Գահիրէ ապաստանած զէյթունցի տասնեակ մը չքաւոր նորեկ գաղթականներու։ Այդ գաղթականներէն ոմանք, ինչպէս ուրիշ տեղացի հայեր, Կիլիկիոյ ֆրանսական հոգատարութեան երեւութապէս ապահով շրջանէն խաբուելով, կ’ուղեւորին երկիր, սակայն աւա՜ղ որ Պէրիտի այդ ափ մը կորիւնները այս անգամ ո՛չ թէ Ուլնիոյ դիւցազներգութեան, այլ անոր եղերերգութեան վերջին արարուածին ու վերջնական փլուզումին դժբաղդ վկաները կը հանդիսանան...։ Զէյթուն փոխակերպուած էր Սիւլէյմանիէի...։ Պատի՜ւ, պատմութեան անցնող հերոսական Զէյթունին։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Պէտք է նկատի ունենալ թէ դաշնակիցները Թուրքիոյ դէմ պատերազմ յայտարարելէ (5 Նոյեմբեր 1914) վերջ, անգլիական եւ ֆրանսական բանակներ գրաւելով Աքապայի կարեւոր ամրութիւնները, զայն վերածած էին զինուորական խարիսխի. հետեւաբար այդ օրերուն Աքապայի կը տիրէին զինուորական երեք իշխանութիւններ. անգլիական, ֆրանսական եւ արաբական (Հիճազի կառավարութեան ներկայացուցչութիւն, որուն
321
ղեկավարութիւնը յանձնուած էր Սուլթան Հիւսէյինի անդրանիկ որդւոյն Շէրիֆ Ֆէյսալի, ապագայ թագաւոր Իրաքի)։ 2. Ապի Լուսան, Ուատի Մուսայի դիրքերուն վրայ ծովէն 1000 մեթր բարձր, կարեւոր կայան մըն է, Աքապայի հիւսիս-արեւելքը, անկէ շուրջ 300 մղոն հեռու, Դամասկոս-Հիճազ երկաթուղագծի առընթեր, Մաան գիւղաքաղաքի մօտ։ 3. Լեւոն Եօթնեղբայրեան, Փանոս Գարավանէսեան եւ Թադէոս Հաճեան։ 4. Լեւոն Եօթնեղբայրեան, Եսայի Գըրըշըքեան, Մելքոն Մինասեան, Փանոս Գարավանէսեան եւ Թադէոս Հաճեան։ 5. Տ. Պետրոս եպս. Սարաճեան, յետագային, կարճ ժամանակի մը համար Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, ծն. 1872, վխճն. 1942։ 6. Լեւոն Եօթնեղբայրեան, արհեստով դերձակ, գործածած է նաեւ Լութֆի Քիւրտի ծածկանունը, ներկայիս ընտանեօք կը գտնուի Պաղեստինի Կազա քաղաքը։ Այս հատուածը գրելու առթիւ օգտուած ենք յիշեալի նօթերէն։ Ի՛նքն է դարձեալ որ սիրայօժար մեզի տրամադրեց տարագրելոց կարգ մը խմբանկարներ եւ վաւերագրերու լուսատիպ պատկերները։ 7. Հայ Ազգային Միութիւն 3, Մույար փողոց Գահիրէ Ինչո՞ւ Գըլըճեանի յապաղումը. պիտի գա՞յ կամ ոչ. հեռագրեցէք։ Գաղթականաց փոխադրութեան միջոցները ձեռք առած ենք. հեռագրով 1000 ոսկի ուղարկեցէք Գօլօնէլ Ճօյսի հասցէով։ 17.8.1918 Պետրոսեան 8. Մարտիրոս Սարըեան, մաղնիսացի, գործարանատէր։ 9. Տօքթ. Խորէն Խըրըտեան, կիւրինցի, բժշկական ուսանող։ 10. Միհրան Թումաճանեան, կիւրինցի, դեղագործ (մին` Կոմիտաս վարդապետի 6 սաներէն (1914)։ Այժմ Ամերիկա)։ 11. Կ’ակնարկուի` Մկրտիչ Եփրեմեանի, Ռուբէն Հերեանի, Տիկ. Վիքթորիա Արշարունիի, եւն։ 12. Իւրաքանչիւր գաղթականի փոխադրութեան համար 10 անգլիական ոսկւոյ միջին գումար մը կը հաշուըւէր` Ճէպէլ Տրուզէն Աքապա։ 13. Ձեռքի տակ ունինք, Աքապայի Առաքելութեան շնորհիւ պատրաստած Ընդարձակ ցուցակագրութիւն մը (որուն մէջ արձանագրուած են անուն, մականուն, տարիք, ծննդավայր, եւ այլ մանրամասնութիւններ) Թրքահայաստանի զանազան քաղաքներէն եւ գիւղերէն` Արաբիոյ անապատներուն մէջ տարտղնուած այն ամէ՛ն տարագիրներուն, թրքական բանակներէ փախստական կամ գերի ինկած հայ զինուորներուն, եւն, որոնք Ճէպէլ Տրուզէն անցնելով Անդրյորդանան եւ անկէ ալ Աքապա, Առաքելութեան շնորհիւ եւ անոր պաշտօնավարութեան ընթացքին, Եգիպտոսի վրայով անցած են արտասահման։ Այս ընդարձակ Ցուցակագրութիւնը, որ վերեւ ակնարկուած 325 հոգիները կը ներկայացնէ, իր ստուար ծաւալին համար չկրցինք զետեղել հատորիս մէջ։ 14. Ֆրանսերէն բնագրէն թարգմանուած։ 15. Վ. Գէորգեան իր այս աշխատութեան համար, Ապահէ կը ստանայ դրամական վարձատրութիւն մը (15 եգ. ոսկի)։
322
16. Լուսաբանութեան համար ըսենք թէ 1918 Յուլիսէն – Սեպտեմբեր, Ապահ ուղեւորած էր Աքապա, հետեւաբար այդ շրջանին իր պատրաստած ձեռագիրը կը մնայ մինչեւ իր վերադարձը, մամուլին յանձնուելու համար։ 17. Անշուշտ երբ այդ «պատմաբան»ը ամբողջութեամբ իր տրամադրութեան տակ ունենայ, դէպքեր – իրողութեանց ճշգրիտ արձանագրութիւններ, կտակուած բուն իսկ այդ դէպքերու դերակատարներուն կողմէ։ 18. Տօքթ. Նազարէթ Քէչէճեան ծնած էր Մալաթիա, 1874ին. վախճանեցաւ ի Գահիրէ` 3 Յունիս 1943ին։ 19. Խ. Գուրեան իբրեւ պաշտօնակից եւս, Ապահի կ’ընէ օգտակար թելադրութիւններ ձեռագրի պատրաստութեան մէջ, մասնաւորաբար գրքի Յառաջաբանը եւ Վերջաբանը` Գուրեանի բանասիրական գրչի դրոշմը կը կրեն։ 20. Այժմ Տ. Մաշթոց քհնյ., որ կը պաշտօնավարէ Սուրիոյ մէջ։ 21. Տես Արեւ, 10.2.1919։
323
ԳԼՈՒԽ ԺԱ. ՀԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴԻՐ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԱՐՄՆՈՅՆ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ (17 Մայիս – 1 Սեպտեմբեր 1920) Լուռ կաց, պըլպուլ, ալ մի՛ երգեր, Մի՛ նորոգեր մեր հին վշտեր. Լուռ կաց, քո տաղ վէրքեր բանայ` Կիլիկիա՜, Կիլիկիա՜, Կիլիկիա՜...։ ՆԵՐՍէՍ ԵՊՍ. ԴԱՆԻէԼԵԱՆ
1
Ընդհանուր տեսութիւն 918 Նոյեմբեր։ Զինադադարէն յետոյ, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի թելադրութեամբ ու աջակցութեամբ, հազարաւոր թափառական հայեր, որոնք տարագրուած էին Տէր Զօրի, Արաբիոյ եւ Սիւրիոյ անապատները, իրենց թաքստոցներէն դուրս գալով կը տեղափոխուին Կիլիկիա։ Հոն կը սկսին հոգեւին լծուիլ վերաշինութեան փրկարար աշխատանքին, մոռնալով չորս տարուան քաշած տառապալից անցեալը։ Երեւանէն յետոյ, Կիլիկիոյ գլխաւոր քաղաքը` Ատանան, հայաշատ ամենամեծ վայրը կը ներկայացնէ։ Մօտաւորապէս 150,000 հայութիւն կեդրոնացած է հոն։ Մինչեւ այդ թուականը, անգլիական զինուորական իշխանութիւնը գրաւած էր ամբողջ Կիլիկիան, սակայն քիչ յետոյ, սոյն հոգատարութիւնը կը յանձնուի ֆրանսական իշխանութեանց, ըստ Սայքս-Բիքոյի երրեակ համաձայնութեան (1916)։ Պօղոս փաշայի նախագահութեան տակ գտնուող` Բարիզի Ազգային կամ Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը, Հայոց իրաւունքները ֆրանսական իշխանութեանց մօտ պաշտպանելու համար, Կիլիկիա կը ղրկէ Միհրան Տամատեանը, որպէս լիազօր ներկայացուցիչ։ Այս պատեհ առիթով հետզհետէ Պոլսէն ու արտասահմանէն Կիլիկիա կը հասնին քաղաքական չորս կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու գործիչները, անոնցմէ ոմանք կ’ունենան իրենց պաշտօնաթերթերը։
324
Տարագրուած հայութիւնը հազիւ սկսած վերաշինական գործերով զբաղիլ, հազիւ իր քանդուած օճախները շինել եւ հազիւ զգալ խաղաղութեան եւ ազատութեան յոյսերը, ահա՛, թուրք չէթէներ, առաջնորդութեամբ Պոլսէն փախած նշանաւոր միլլիներու, կը սկսին ասպատակային կռիւներ մղել ֆրանսական իշխանութեանց եւ հայերու դէմ մասնաւորապէս։ Թուրքիոյ այս նոր շարժումին ուժ կուտայ Ռուսիոյ նորածին պօլշէվիկ կառավարութիւնը։ Դաշնակիցներու մէջ ծագած անհամաձայնութեանց եւ ռուսերու կողմէ ընծայուած այս բարեկամութեան վրայ յենլուելով էր որ, Միլլի ապստամբապետ Մուսթաֆա Քէմալ, վերջնագրով մը պետութիւններէն կը պահանջէ անմիջական պարպումը` Անատօլուի մէջ գտնուող Դաշնակից ուժերու։ Ամիսներով ֆրանսացիք չեն կրնար եւ կամ աւելի ճիշտը չեն ուզեր զսպել չէթէներու ասպատակութիւնները, այնպէս որ Լեռնային Կիլիկիոյ հայերը կը ստիպուին դիմել զէնքի եւ ինքնապաշտպանութեան։ Նախ կը կատարուի Մարաշի ջարդը (Յունուար 1920) որ 20,000 կեանք պիտի արժէր հայոց. կը շարունակուին` Զէյթունի, Հաճնոյ, Սիսի, Տէօրթ Եօլի, Այնթապի եւ այլ տեղերու ինքնապաշտպանութեան կռիւները։ Միլլիները կը պահանջեն Ֆրանսային որ լքէ Կիլիկիան եւ յանձնէ իրենց։ Միւս կողմէ Ֆրանսա իր քաղաքականութիւնն ու դիրքը փոխելով, առ երես, թէեւ հայոց բաղձանքներուն համակիր, սակայն այլեւս կը սկսի հետապնդել թրքասէր քաղաքականութիւն։ Այդ քաղաքականութեան գլխաւոր յատկանիշները կարելի է դասաւորել հետեւեալ կերպով. ա. Պետական գունդին անբաւականութիւնը. բ. Տիրանալ` նախապատերազմեան շրջանին Գերմանական կառավարութեան Թուրքիոյ մէջ ունեցած դիրքին. գ. Ձեռք բերել տնտեսական խոշոր շահագործումներ Թուրքիոյ մէջ. դ. Ապահովել` Ֆրանսայի կողմէ Թուրքիոյ փոխ տրուած միլիոնները. ե. Զոհել հայոց ազատութիւնը, նկատելով որ այս վերջինները կը խնդրէին Ամերիկայի հոգատարութիւնը Հայաստանի համար։ Կիլիկիոյ մէջ ապաստանած հայութիւնը ահաբեկած ուրեմն Ֆրանսայի երկդիմի ու թրքամոլ քաղաքականութենէն, կ’ապրի մահու եւ կենաց երկունքին մէջ։ Անգլիացիներու Կիլիկիայէն քաշուելէն յետոյ, ֆրանսական բանակին յառաջապահները եղած էին Արեւելեան Լէգէոնի հայ զինուորները, սակայն երբ Զօրավար Կուրօ Կիլիկիա կը հաստատուի (իբրեւ բարձր Գոմիսէր), ինքզինք կը շրջապատէ չէրքէզ պահակախումբով։ Ա՛յս էր կացութիւնը Կիլիկիոյ մէջ, երբ տակաւին Վերսայլի խաղաղութեան վեհաժողովին (28-6-1919) տարին բոլորած չէր։
325
Եգիպտոսէն Կիլիկիա Այս պայմաններուն տակ, ինչպէս ուրիշ տեղերու, նմանապէս Եգիպտոսի Սահմանադիր Ռամկավար կուսակցութեան Շրջանային վարչութիւնը կ’որոշէ ներկայացուցիչ-գործիչներ ղրկել Կիլիկիա, տեղւոյն ժողովուրդը կազմակերպելու, զինելու, եւ ի հարկին ինքնապաշտպանութեան դիմելու համար։ Այս նպատակով, 1920ի Մարտին եւ Ապրիլին, յաջորդաբար Աղեքսանդրիայէն կը մեկնին Լեւոն Աճէմեան եւ Մարտիրոս Ոսկեան, իսկ Գահիրէէն, կուսակցութիւնը յարմար կը նկատէ Կիլիկիա ուղարկել Ապահը, մանաւանդ որ այդ օրերուն գաղտնի ճամբաներով երկիր զէնք մտցնելու միջոցներուն վրայ կը խորհուէր. հարց մը որուն կարգադրութեան համար Ապահ կրնար միջոցներ ստեղծել, հիմնուելով իր անցեալ փորձառութեանց վրայ...։ Ապահի համար որքան սիրելի ու նուիրական էր իրեն առաջարկուած պաշտօնը, նոյնքան դժուարին եւ արգելիչ պատճառներ ունէր զայն չընդունելու։ Ան, այս անգամ հայր ութը անչափահաս զաւակներու, որոնցմէ կրտսերագոյնը տակաւին նորածին երեխայ, տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ գտնուելով, հակառակ ունեւոր ազգականներէ շրջապատուած ըլլալուն, շատ մը տատանումներէ վերջ, կուտայ իր որոշումը։ Աչքը առած ամէն վտանգ ու նեղութիւն, ան վերջին անգամ մը եւս ապացոյցը պիտի տար իր անայլայլ հայրենասիրութեան, ինքզինք տրամադրելով իր սիրելի Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանութեան գործին, որուն անկախութեան համար կը յուսար թէ յաջողութեան ժամը հնչած էր այլեւս, ու հարկ էր` անոր վերելքի առաջին օրերուն ազգովին զոհաբերուիլ...։ Երկուշաբթի, 17 Մայիս 1920ին, Ապահ Գահիրէէն կը մեկնի Աղեքսանդրիա, եւ երեք օր վերջ, Հինգշաբթի 20 Մայիսին, իտալական SITMAR նաւային ընկերութեան SICILIA շոգենաւով կ’ուղեւորի Մերսին։
Մերսին ժամանում Կիրակի առաւօտ 23 Մայիսին, Ապահ կը ժամանէ Մերսին։ «Առաջին անգամ, որ Մերսին ժամանեցի, կը գրէ ան իր տեղեկագրին մէջ, ինքնաբերաբար վերյիշում մը ունեցայ քառորդ դար առաջ տեսածս այդ նաւահանգիստին նկատմամբ, ուրկէ` զինակից ընկերներովս, Զէյթունի ապստամբութենէն վերջ, ֆրանսական զրահաւորներու հսկողութեան տակ, 14 Մարտ 1896ին, Մեսաժըրիի «Սէնդ» շոգենաւը կ’առաջնորդուէինք` Եւրոպա վերադառնալու համար...։ Ու քսան եւ հինգ տարիներ վերջ, նո՛յն օրերուն, նո՛յն նաւամատոյցը կը մտնեմ, նո՛յն զրահաւորները կը տեսնեմ, սակայն այս անգամ բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ եւ տարբեր տեսարաններու մէջ. անկէ կռուողներ դուրս չէին հաներ, այլ` կռուողներ կը մտցնէին ներս։ Բաց ծովուն վրայ հանգչող լայնանիստ ֆրանսական զրահաւորները կ’որոտային, ու անոնցմէ հրեղէն
326
սլաքներ կ’արձակուէին, մինչ ես, այդ խառնաշփոթութեանց մէջէն Կիլիկիան վերստին կ’ողջունէի...»։ Միեւնոյն օրը քաղաքին ամրութիւնները ուսումնասիրելէ վերջ, Ապահ կը հանդիպի վաղածանօթ բարեկամներու եւ ընկերներու, որոնցմէ ցաւով կը հաստատէ տեղւոյն ազգային գործերու անկազմակերպ վիճակը։ Սակայն իր նպատակը անմիջապէս Ատանա մեկնիլ ըլլալով, յետագային կը ձգէ Մերսինով զբաղիլ1։ Երկրորդ օրը, ակամայ շոգեկառքը կը փախցնէ, երրորդ օրը գիծը կտրուած է, չորրորդ օրը, վերջապէս, Չորեքշաբթի 26 Մայիսին կը յաջողի Ատանա ժամանել։
Ատանայի մէջ Ապահ Ատանայի մէջ կը մնայ երկու ամիս. ատեն մը «Կիլիկիա» պանդոկը, միջոց մըն ալ կը հիւրընկալուի Կարապետ Կէօքտէրէլեանի եւ այլոց տուները, ուրկէ հետզհետէ այցելութիւններ եւ տեսակցութիւններ կ’ունենայ տեղւոյն Ռամկավար ընկերներէն` Ռուբէն Հերեանի, Մարտիրոս Ոսկեանի, Լեւոն Աճէմեանի եւ այլոց հետ։ Միհրան Տամատեանի հետ տեսակցութիւնը տեղի կ’ունենայ յիշեալի ճգնարանին կամ ուրիշ բառով «հայոց հիւպատոսարան»ին մէջ, ուր Տամատեան իբրեւ վաղեմի եւ գաղափարակից ընկերը Ապահի, սիրալիր ընդունելութիւն մը կ’ընէ անոր։ Ապահ, Ատանայի մէջ կը տեսնուի նաեւ Հայ Ազգային Միութեան Միջ-կուսակցական Մարմնոյ, Հնչակեան, Վերակազմեալ Հնչակեան եւ Դաշնակցութեան ծանօթ դէմքերուն հետ ու յաճախ կը հիւրասիրուի խորհրդակցելու կամ բանախօսելու` անոնց ժողովներուն եւ հաւաքոյթներուն։ Այդ տեսակցութեանց շնորհիւ, ան մօտէն կը ծանօթանայ ժողովուրդի մտայնութեան, տեղւոյն ուժերու ընդհանուր վիճակին, եւ այլ պայմաններու։ Կիրակի, 6 Յունիսին, երեկոյին ժամը 4ին, Ատանայի Ժողովրդային Սրահին մէջ, Ռամկավար կուսակցութեան տեղւոյն մասնաճիւղին կազմակերպած հրապարակային բանախօսութեանց շարքին, խօսելու կը հրաւիրուի Ապահ։ Ժողովին կը նախագահէ Ռուբէն Հերեան, որ իր յաւերժանուշ իւմըրով ներկաները կը զուարթացնէ, կը յուսադրէ, կ’ոգեւորէ։ Խօսք կ’առնէ նաեւ Սեդրակ Կէպէնլեան «Օրուան կացութիւնը» նիւթին շուրջ։ Ի վերջոյ կարգը կուգայ Ապահի։ Հոս խօսքը տանք` այդ ժողովի նկարագրականը Վտարանդիին (Մ. Ոսկեան) որ ինքնայատուկ ոճով մը կ’արտայայտուի այդ մասին, Ատանայի Հայ ձայնի 9 Յունիս 1920ի թիւին մէջ։ «Որոտագին ծափեր ողջունեցին Զէյթունի հերոս ընկեր Ապահ Պետրոսեանը որ բեմ կը բարձրանար... խօսելու։ «Զէնքի մարդէն, կռիւի ու ռազմի մարդէն խօսք սպասել` զայն նեղը ձգել, զայն
327
տհաճեցնել կը նշանակէ...։ «Ու Զէյթունի անմահանուն մարտիկը խօսեցաւ լեզուով մը` որ իրե՛նն է, կռուողի՛ն, յեղափոխականի՛ն։ Իր խօսքերը կարճ էին բայց ուժե՛ղ եւ ցնցո՛ղ։ «Բառերը երբոր կտրես արի՜ւն կը հոսի...» ականջը խօսի գրական մեծանուն վարպետ բարեկամիս Տիգրան Կամսարականի, որ հաւնած խօսքերուն համար նոյն ասութիւնը կը գործածէր յաճախ։ «Ու ընկեր Ապահի սբիչէն աւելի ո՞ր մէկին կարելի է գործածել այդ այնքան գեղեցիկ ասութիւնը։ «Ընկեր Ապահ մին է յեղափոխական սերունդի ա՛յն դէմքերէն որոնց ամբողջ կեանքը ազգին նուիրում մը, զոհաբերում մը եղած է, որոնց անունները, իրաւա՛մբ, ժողովրդային հոգիին մէջ պաշտումի տեղ մը գրաւած է որովհետեւ անոնք խտացո՛ւմը, մարմնացո՛ւմը եղած են հայ ժողովուրդին մարտական ոյժին, պայքարողական կորովին։ Եւ ասոր համար, անոնց լռութիւնն իսկ ռազմագոռ շեփորէ մը աւելի խօսուն է, աւելի ոգեւորիչ։ Ու անոր ներկայութիւնը այս օրերուն մեր մէջ, աւելի քան յաղթանակ մը, աւելի քան հաւատք մըն է...։ «Հարկ չկայ ըսելու թէ իր բառերը մեր սրտերուն վրայ ինկան բռնկցնող կայծերու նման։ Անիկա կը վկայէ այն որոտալիր ու երկարաձիգ օվասիօնը որուն առարկայ եղաւ ընկեր Ապահ»։ Ապահ, Ատանա ժամանալէն վերջ, հետաքրքրուելով ազգային հաստատութեանց ներքին կեանքով, մանաւանդ` Ռամկավար կուսակցութեան եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան Կիպրոսի Շրջանային զոյգ վարչութիւնները իրեն լիազօրած ըլլալով մօտէն քննել իրենց ենթարկուած ուրոյն հաստատութիւնները, ի շարս ուրիշ հիմնարկութիւններու, երկիցս այցելութիւններ կուտայ նաեւ` Ատանայի երկաթուղւոյ նոր կայարանի մօտ հաստատուած եւ Զօրավար Կուրոյի անուամբ ծանօթ հայկական ընդարձակ գաղթակայանին, տեսակ մը առժամեայ գիւղաքաղաք, ուր պատսպարուած էին` ամէն կողմերէ եկած ու Կիլիկիա ապաստանած շուրջ 10,000 տարագիրներ։ Ինչպէս ուրիշ ազգայիններ, Ապահ եւս անմասն չի մնար այդ օրերուն նշաւակ ըլլալէ կուսակցական կրքոտ արտայայտութեանց։ Այդ հսկայ գաղթակայանի պաշտօնեաներէն ու Հայ ձայնի աշխատակից Գ. Արայ (Արայ Գալէմճեան), անդրադառնալով Ապահի տուած այցին, կ’ըսէ հետեւեալ խորհրդածութիւնները, նոյն թերթի 9 Յուլիս 1920ի թուին մէջ։ «Ցարդ չի տեսանք պաշտօնական անձնաւորութիւն մը որ լրջօրէն հետաքրքրուէր տարագրելոց կացութիւնով։ Պ. Ապահ բարեհաճութիւնը ունեցաւ ինքնաբերաբար, երկիցս այցելելով` քաջալերական խօսքով խոստումներ ընելու, որոնց գործադրութեան ակնկառոյց եւ սրտատրոփ կը սպասենք։ Իսկ Վրոյր մը (Վահան Ժամկոչեան, Ս.Դ.Հնչակեան գործիչ եւ խմբագիր Ատանայի Տաւրոս օրաթերթին), գաղտնի կամ բացայայտ կերպով զէվզէք կ’անուանէ հերոս մը որ
328
հայրենասիրութեան կամ բանականութեան ջահ մ’եղած է, անժխտելի ապացոյցներ տալով` 25 տարի առաջ երբ թրքական հարիւր հազարնոց բանակին արիւնկղակ հորդաներու վրայ յաղթանակ տանող կազմակերպիչներու մէջ երրորդութիւն մ’էր։ Եթէ Պ. Վրոյր մեր օրերու պատմութեան անտեղեակ է, կրնայ դիմել Ատանա գտնուող 200ի չափ Զէյթունի կորիւններուն ու սորվիլ պատմութեան դասը, որ ո՛չ թէ զէվզէք, այլ լրջախոհութեան եւ խոհեմութեան մարմնացումն եղած է»։
Ֆրանքօ-Քէմալական «Զինադադար»ը Նոյն տարւոյ Մայիսի վերջին օրերը, կիլիկեհայութիւնն ու Կիլիկիոյ խնդիրը կը ստանային հարուած մը որ աներեւակայելի էր, որ ազնուական ոչինչ ունէր իր մէջ։ Կնքուած էր «զինադադար» մը Զինադադարին մէջ, ֆրանսական իշխանութեանց (ոչ Կիլիկեան) եւ Մուսթաֆա Քէմալի միջեւ, առանց երկրին բուն տէրերուն գիտութեան եւ գլխովին հակառակ անոնց շահերուն, անոնց եղած խոստումներուն, նաեւ բուն Զինադադարի պայմաններուն։ Հետաքրքրութեան համար, հոս մէջ կը բերենք այդ անարդար ու անտրամաբանական «զինադադար»ին պայմանները որոնք Մուսթաֆա Քէմալի կամքին արտայայտութիւնն էին աւելի, քան երկկողմանի համաձայնութեան մը յօդուածները։ Այս «զինադադար»ին Ատանա եկած պատճէնները կը կրեն Մուսթաֆա Քէմալի ստորագրութիւնը։ Ուրեմն Մուսթաֆա Քէմալն էր որ կը հրամայէր.
1. Մայիսի 29րդ եւ 30րդ օրը, կէս գիշերէն սկսեալ, ֆրանսական բոլոր ճակատներուն վրայ թշնամութիւնք դադրած են։ Թշնամութեանց դադարումին պայմանաժամը 20 օր է։ 2. Պօզանթի եւ Սիս գտնուող ֆրանսական զօրքերը, իրենց զէնքերով ու բոլոր առարկաներով եւ իրեղէններով պիտի քաշուին մինչեւ Ատանա կամ երկաթուղիի գիծը։ Այնթապ ֆրանսացիներու կողմէ պիտի պարպուի եւ քաղաքին մէջ գտնուող ֆրանսական ուժերը քաղաքէն դուրս գտնուող բանակատեղին պիտի քաշուին։ 3. Թշնամութեանց դադարումին առաջին տասը օրուան մէջ ֆրանսացւոց պիտի վերադարձուին մեր ձեռքը գտնուող ֆրանսական գերիները եւ ֆրանսացիք մեզի պիտի վերադարձնեն իրենց քով եղող քաղաքային գերիները։ 4. Ատանայի կուսակալը եւ Օսմանեան կառավարութեան պաշտօնեաները իրարու հետ ազատօրէն պիտի թղթակցին։ Պօզանթիի, Սիսի եւ Այնթապի պարպումի պայմաններուն եւ գերիներու փոխանակումի մասին մասնաւոր զեկուցում պիտի ըլլայ։ Առ այժմ պէտք է ապահովել Մայիսի 30էն սկսեալ թշնամութեանց դադարումը։ Այս հրամանը պէտք է ծանուցուած ըլլայ մինչեւ 30 Մայիսի աւարտը, ամէնէն յառաջապահ գունդերուն։ (Ստորագրութիւն) Մուսթաֆա Քէմալ Ի լուր այս սպառնալիքին, յուսահատութիւնն ու շփոթութիւնը կը տիրեն
329
Կիլիկեհայութեան մէջ։ Վիճակը աւելի յուսահատական կը դառնայ, այդ օրերուն Պոլսէն հասնող տարօրինակ լուրերու ազդեցութեամբ։ Ըստ այդ տեղեկութեանց, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած էր հայկական մեծ ժողով մը եւ որոշուած` Կիլիկիոյ հայութիւնը ամբողջութեամբ փոխադրել... Երեւան, իբրեւ թէ Երեւանը Կիլիկիոյ ամենամօտիկ մէկ տեղը եղած ըլլար, ուր կարելի էր հասնիլ ամենայն դիւրութեամբ։ Եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ եռանդով կը լծուի գործի, խնդիրը այդ ուղղութեամբ վարելու համար։
Յունիս 2ի ժողովը Այս վտանգաւոր կացութեան առաջքը առնելու համար, Յունիս 2ի Չորեքշաբթի օրը, ազգային մեծ ժողով մը կը գումարուի` Ատանայի Ազգային Միութեան շէնքին մէջ, նախագահութեամբ Մ. Տամատեանի եւ մասնակցութեամբ բոլոր պաշտօնական մարմիններու եւ քաղաքային հեղինակաւոր անձնաւորութեանց։ Ժողովին ներկայ կ’ըլլայ նաեւ Ապահ։ Խորհրդակցութիւնը կը տեւէ ժամեր, վիճաբանութիւնը կ’ըլլայ բուռն, որովհետեւ հո՛ն ալ Դաշնակցութիւնը երեւան կուգայ իր տգեղ դերովը ու կը պահանջէ մասսայական գաղթ դէպի Երեւան։ Ժողովը բացարձակ մեծամասնութեամբ հակառակ ըլլալով Դաշնակցութեան տեսակէտին, կ’ընդունի Ապահի բանաձեւը, որ կ’առաջարկէր. Ա.- Ժողովուրդը հանդարտեցնելու եւ անոր բարոյական կորովը վերականգնելու համար սարքել հրապարակային ժողովներ. Բ. Նոյն նպատակաւ` քաղաքին մէջ պրոպականտիսթներ հանել. Գ. Զինուորական միջոցներով գաղթը արգիլել։ Դ. 5-7 ձեռնհաս անձերէ զինուորական լիազօր մարմին մը կազմել, ինքնապաշտպանութեան գործին ուժ տալու համար։ Ե. Մինչեւ քաղաքական հորիզոնին պարզուիլը, զինեալ եւ կազմակերպուած չէզոքութիւն մը պահել։ Ազգային Միութիւնը, որ Ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչին հետ կը կազմէր ազգային իշխանութիւնը, կարելիութեան սահմանին մէջ կ’աշխատի գործադրել այս որոշումները։ Հրապարակային ժողովները կը սկսին. 4 կուսակցութիւններէն ընտրուած պրոպականտիսթներ ժողովուրդի խաւերուն մէջ մտած կը քարոզեն. գաղթը կ’արգիլուի. միայն կը թոյլատրուին` առեւտրական որոշ պատճառներով երթուդարձերը, եւ սպառող դասակարգին պատկանողները (ծերեր, մանուկներ, կիներ) որոնք զինուորական գործառնութեանց անյարմար էին։ Կը ձեռնարկուի զինուորական մարմնոյ մը կազմութեան։ Իրաւ է թէ անկէ առաջ Ատանա ինքնապաշտպանողական վիճակի մը մէջ դրուած էր, բայց գործը լաւ կազմակերպուած չէր։
330
Քաղաքին մէջ որոշուած էին 17 դիրքեր (ոստիկանական պահականոցներ) եւ մօտ 250 պահակներ կը կատարեն հսկողութեան գործը։ Մինչեւ զինուորական մարմնոյ մը կազմութիւնը, Ապահ կը ստանձնէ դիրքերու վրայ վերահսկիչութեան կարեւոր պաշտօնը, միեւնոյն ժամանակ վարելով` Ատանայի միջկուսակցական ինքնապաշտպանութեան կոմիտէի նախագահութիւնը։
Հայկական առժամեայ մանրանկար կառավարութեան մը կազմութիւնը Յունիս 10ին, Ապահ դիպուածով կը հանդիպի ու կը ծանօթանայ` ամերիկահայ լէգէոնական, Ատանայի հերոսներէն, տեղակալ Ճան Շիշմանեանի, որ Միսիսէն Ատանա գալով, կը պատրաստուէր Ամերիկա մեկնելու։ Ապահ չի բաժնուիր անկէ. կոչում կ’ընէ անոր հայրենասիրական զգացումներուն որպէսզի Ամերիկա չի մեկնի ու աջակցի իր հետ, հայկական առժամեայ մանրանկար կառավարութիւն մը կազմելու իր ծրագիրը գլուխ հանելու համար։ Շիշմանեան յանձնառու կ’ըլլայ, պայմանով որ ազգային իշխանութենէն եւ բոլոր կուսակցութեանց պետերէն ստորագրուած լիազօրութեան թուղթ մը տրուի իրեն։ Ապա՛հն է որ կը կարգադրէ բոլորը, եւ Շիշմանեան կը ձեռնարկէ գործի։ Բայց ամէն բանէ առաջ, իբրեւ նախկին զինուորական, Շիշմանեան կը ներկայանայ Պ. Պրէմօնին եւ յայտնելով իր վրայ դրուած պարտականութիւնը, կը տեղեկացնէ որ այլեւս Ամերիկա պիտի չի վերադառնայ։ Պ. Պրէմօն կ’ուրախանայ, կը խոստանայ իր կողմէ եւս վաւերացնել անոր պաշտօնը եւ այդպէս ալ կ’ընէ։ Շիշմանեան` «վերին հրամանատար» Ատանայի քաղաքապահ ջոկատի, անմիջապէս գրաւել կուտայ Մանուկ Շահպազեանի սեփական բնակարանը, ընդարձակ շէնք մը, որ ամէն յարմարութիւն ունէր իբր պահականոց կամ կառավարչատուն ծառայելու։ Շահպազեանի դիտողութիւնները նկատի չեն առնուիր, հրամանը 2 ժամէն կը գործադրուի, ու շէնքը զինուորական մարմնոյ տրամադրութեան տակ կը դրուի։ Շաբաթ, Յունիս 12ին կը սկսի գործել` Ատանայի հայկական այդ «քաղաքապետութիւն»ը, հետեւեալ ստորաբաժանումներով. 1. Սպայակոյտը, վերին հրամանատարութեամբ` Ճան Շիշմանեանի. 2. Պատերազմական ատեան (3 անձեր). 3. Արդարութեան ատեան. 4. Զէնքի եւ ռազմանիւթի հայթայթման եւ պահպանման մարմին. 5. Պարենաւորման մարմին. 6. Տնտեսական մարմին. 7. Տեղեկատուութեանց դիւան. 8. Թղթակցութեանց դիւան. 9. Յարաբերութեանց դիւան.
331
10. Զինամարզութեան սպայից խումբ` նորագիր զինուորներու համար։ Սպայակոյտի առաջին գործը կ’ըլլայ զինուորագրութիւնը պարտաւորիչ ընել (18էն 45 տարեկան)։ Նորագիր զինուորները օրական 2 անգամ մարզանքի կը հանուին։ Քաղաքին մէջ գտնուած բոլոր զէնքերը կը ցուցակագրուին, եւ կը գրաւուին ա՛յն զէնքերը որոնց տէրերը ի վիճակի չէին զանոնք գործածելու։ Անմիջապէս զէնքի տակ կ’առնուին` ամուրի կամ ընտանիք չունեցող երիտասարդները։ Այս տարրերէն է որ կը կազմուի` Կիլիկեան կամաւորներու 250 հոգինոց առաջին գումարտակը։ Ատանայի 17 դիրքերու մէջ գտնուող 250 զինուորները կ’արձանագրուին իբրեւ մնայուն ուժ` քաղաքին ինքնապաշտպանութեան գործին նուիրուած։ Անոնց վրայ յետոյ կ’աւելնան 10ի չափ Լէգէոնական փորձառու քաղաքապահ ոստիկաններ։ Այսպէս, իւրաքանչիւր մարմին մեծ եռանդով գործել կը սկսի, եւ նորակազմ կառավարութեան պաշտօնատեղին կը դառնայ իսկական կեդրոնը հայկական գործերուն, ուր մինչեւ անգամ յոյնը, թուրքը, ֆէլլահը հոն կը դիմեն, նոյնիսկ իրենց ընտանեկան խնդիրներուն համար։ Չարագործները, անզուսպները, աւազակները հո՛ն կը բանտարկուին, կը դատուին ու հո՛ն կը կրեն իրենց պատիժները։ Սիրտերը նորէ՛ն կը լեցուին յոյսերով, տրամադրութիւնները նորէ՛ն կը բարձրանան, ու ժողովրդային բոլոր խաւերէն կը տեղան շնորհաւորութիւններ ու խնդակցութիւններ, քիչ ատենուայ մէջ զինուորական մարմնոյ կազմութիւնը իրականացնող Ապահի եւ իր գործակիցներուն։ Ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնենք, միշտ քառորդ դար առաջ, դարձեալ Կիլիկիոյ հողին վրայ, մասնաւորաբար Սուէտիոյ եւ Զէյթունի հայաբնակ գիւղերուն մէջ, Հնչակեան կուսակցութեան անունով, Ապահի, Աղասիի եւ այլոց կատարած յեղափոխական քարոզութիւնները, անոնց ձեռք առած զինուորական գաղտնի միջոցները, հաստատած յեղափոխական դատարանները, եւն (տեսնել ներկայ հատորի Գ. Գլուխի «Ցաւերն ու դարմանները», ինչպէս նաեւ Զ. Գլուխի 3րդ մասի «Առժամեայ կառավարութիւն» հատուածները), որոնց երկրորդ անգամ կիրարկումն էր Ապահի կատարածը, (անշուշտ աւելի լայն եւ համարձակ շրջանակի մէջ), Կիլիկեան ֆրանսական հոգատարութեան այդ կարճատեւ շրջանին...։
Դաւադրական գործունէութեան ծրագիր Ֆրանքօ-Քէմալական «զինադադար»ը վերջ գտած է։ Ֆրանսացիք աւելորդ անգամ մըն ալ կը համոզուին թէ թուրքը, քէմալական թէ սուլթանական, նոյնն է միշտ։ Ու ան հիմա Մերսին-Տարսոն-Ատանա-Ճիհան երկաթուղագծին իրական տէրն է։ Երթեւեկութիւնք դադրած են եւ իւրաքանչիւր քաղաք պաշարման ներքեւ
332
է։ Ատանայի մէջ կը վախցուի սովէն։ Պէտք կը տեսնուի դաւադրական գործունէութեան, որ լաւագոյն արդիւնքներ պիտի տար...։ Կը կազմուին տեռօրական գաղտնի թռուցիկ խումբեր, որոնց մէկ մասը ներքին թշնամիները սարսափի պիտի մատնէր, իսկ միւսը քաղաքէն դուրս մօտակայ տեղերը պիտի մաքրագործէր...։ Այս գործունէութեան շնորհիւ, կարելի կ’ըլլայ` Ատանայի 25,000 թուրք բնակչութիւնը խուճապի մատնել, եւ երեք շաբաթուան ընթացքին այդ թիւը իջեցնել 300ի, ա՛յն ալ մեծ մասամբ ֆէլլահներ, որոնց գոյութիւնը ոեւէ վտանգ չէր սպառնար...։ Սակայն այս յաջողութիւնը բաւական չի նկատուիր. հարկ էր նաեւ ընդլայնել Ատանա քաղաքին նեղցած շրջանակը, կարենալ պարենաւորուելու համար Իւրէիլի դաշտէն եւ ծովի վրայ ազատ անցք մը ունենալ Գարաթաշէն։ Մէկ խօսքով պէտք էր մաքրել Կիլիկեան Միջագետքը։ ***
Յունիս 23ի Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8ին, Ամբողջական Հայաստանի Լիազօր Պատուիրակ Միհրան Տամատեանի բնակարանին մէջ եւ անոր նախագահութեան տակ տեղի կ’ունենայ խորհրդակցական ժողով մը։ Կը մասնակցին չորս կուսակցութեանց մէկ-մէկ ներկայացուցիչներ եւ զինուորական Վերին հրամանատարութենէն երկու անդամներ, ընդամէնը եօթը հոգի։ Ահա՛ անոնց անունները. 1. Ամբողջական Հայաստանի լիազօր պատուիրակ` Միհրան Տամատեան 2. Սահմանադիր Ռամկավար կուսակցութեան լիազօր պատուիրակ` Ապահ Պետրոսեան 3. Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան լիազօր պատուիրակ` Անդրանիկ Կէնճեան 4. Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան լիազօր պատուիրակ` Տօքթ. Բարեջանեան 5. Հ. Յ. Դաշնակցական կուսակցութեան լիազօր պատուիրակ` Տօքթ. Գրիգորեան 6. Հայկական ուժերու վերին հրամանատար Ճան Շիշմանեան 7. Լէգէոնական սպայ Վահան Փօրթուգալեան Այս մարմինը «Գերագոյն ժողով» անունով, կը դառնայ Կիլիկիոյ հայ քաղաքական կեանքը ղեկավարող անտեսանելի եւ միակ հեղինակաւոր ուժը։ Այս մարմինն էր որ բացարձակ գաղտնապահութեան մէջ կը կարգադրէր ամէն ինչ, նոյնիսկ Օգոստոս 4ին հռչակուած Աքթին մանրամասնութիւնները2 նախօրօք մշակուած ու ծրագրուած էր այս մարմնոյ կողմէ, ինչպէս նաեւ պատրաստած էր
333
Սիհունի եւ Ճիհանի սահմաններուն մէջ զինեալ խումբերու գործառնութեանց ուղեցոյց-հրահանգները, եւն։ Դարձեալ նոյն մարմնոյ Յունիս 27ի Կիրակի օրուան նիստին մէջ, նկատի առնուելով զէնքերու եւ ռազմանիւթի պակասը, կ’որոշուի փութով մէկը ուղարկել Տէօրթ Եօլ եւ վերջնականապէս կարգադրել այս կենսական հարցը։ Ժողովը միաձայնութեամբ յարմարագոյն անձը կը նկատէ Ապահը, (որ արդէն յատկապէս Եգիպտոսէն ուղարկուած էր այդ նպատակով), եւ միջոցներ ձեռք կ’առնէ` զինքը օդանաւով, Մերսինի վրայով հո՛ն ուղարկելու։ Նոյնպէս, Յուլիսի սկիզբները Կիլիկիոյ հայոց ինքնապաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ պատրաստութիւններ կը տեսնուին Ապահը ուղարկելու Իզմիր (ի հարկին անկէ ալ Աթէնք) Տէօրթ Եօլի եւ Ալեքսանտրէթի վրայով։ Այդ իմաստով Զօրավար Պրէմօնէ կը տրուին զօրաւոր յանձնառագրեր` ուղղուած Մերսինի, Ալէքսանտրէթի եւ Իզմիրի ֆրանսական զինուորական իշխանութեանց։ Սակայն մինչ այդ, Իզմիրէն կը հաղորդուի թէ տեղւոյն գաղութէն հաւաքուած էր 8000 ոսկւոյ գումար մը։ Միւս կողմէ Հերեան եւս, Պոլսէն իր հետ կը բերէր 800 ոսկւոյ գումար մը` յատկացուելու համար` Կիլիկիոյ մէջ ըլլալիք հայկական ընդհանուր յարձակողականի զինուորական պատրաստութեանց ծախսաց եւն։ Ճամբաները վտանգաւոր ըլլալուն, Հերեան պիտի չի կարենար սակայն ուղղակի Ատանա մտնել, այլ պիտի անձնէր Տէօրթ Եօլ, իսկ Յունական կառավարութեան գիտակցութեամբ Կիլիկիա ուղարկուելիք զէնքերը, ճամբայ պիտի հանուէին ի մօտոյ։ Այս պայմաններուն տակ Ապահ կը նախընտրէ ուրեմն զինեալ խումբով մը ուղեւորիլ Չորք Մարզպան։ ***
Իր Յուլիս 17ի նիստին մէջ, Գերագոյն Ժողովը նկատի առնելով, ի մէջ այլոց Ատանայի վիճակը, կը հրահանգէ չորս կուսակցութեանց, 100ական կամ աւելի հոգի ունենալ ձեռքի տակ ի հարկին, ցոյց տրուելիք տեղերը մեկնելու համար։ Այս խումբերը պիտի շարժէին` համաձայն որոշ հրահանգի մը, զոր պատրաստած եւ կուսակցութեանց վերին մարմիններուն յանձնած էր այդ ժողովը, համաձայն Ապահի ցուցմունքներուն։ Ահա՛, այդ «տասնաբանեայ»ին պատճէնը. 1. Հայկական ինքնապաշտպան խումբերը կոչուած են մաքրագործելու եւ խաղաղեցնելու իրենց յատկացուած շրջանակը. այդ գործունէութիւնը պիտի ղեկավարուի Գերագոյն Խորհուրդի ցուցմունքներուն համաձայն, որպէսզի տեւական օգտակարութիւն մը ունենայ եւ համապատասխանէ ազգային քաղաքական ծրագրին։ 2. Իւրաքանչիւր խմբապետ պիտի ունենայ իր խումբի գործունէութեան մասին որոշ
334
պատուէրներ զորս պիտի հաղորդէ իր զինուորներուն, երբ գործունէութեան վայրը հասնի։ 3. Ընդհանուր կերպով խումբերու պաշտօնը պիտի ըլլայ. - Ազատ կռիւ չէթէներու դէմ. - Հեռացում կասկածելի տարրերու. - Պաշտպանել կիներն ու երեխաները. - Զգուշանալ հունձքերու վնաս պատճառելէ. - Լաւ վարուիլ ֆէլլահ տարրին հետ. 4. Մասնաւորապէս կը հրահանգուի. - Զգուշանալ պաշարումէ. - Կապ պահել իրարու եւ կեդրոնին հետ. 5. Խմբապետը իրաւունք ունի յանցաւոր զինուորը պատժելու, եւ ծանր յանցանքի պարագային նոյնիսկ զայն գնդակահարելու. 6. Եթէ կացութեան բերումով նոր հրահանգներ տալ հարկ ըլլայ, անոնք կը հաղորդուին... վայրէն. 7. Եթէ պարագաները խումբը Ատանա վերադառնալու հարկադրեն, չմօտենալ քաղաքին առանց կանխապէս կեդրոնին իմացնելու։ 8. Զգուշանալ ֆրանսական ուժերուն հետ ոեւէ խնդիր ունենալէ. 9. Կարելիութեան սահմանին մէջ, անհրաժեշտ է գրաւել թշնամիէն` առատ զէնք եւ ռազմանիւթ. 10. Բոլոր խումբերը պատւոյ խօսք կուտան զիրենք զինուորագրող մարմնոյն, որ պիտի հնազանդին իրենց խմբապետներուն։ Այս եւ բերանացի ուրիշ պատուէրներ եւս ստանալէ յետոյ, խումբերը կը ցրուին Իւրէիլի դաշտը։ Անոնց երեւումը, բառին բուն նշանակութեամբ կը սարսափեցնէ թշնամին, որ չի փորձեր բնաւ լուրջ ընդհարում մը ունենալ «կրակ ու բոց» տղոց հետ, որոնք կարճ ատենուայ մէջ Ատանա քաղաքը կը լեցնեն ամէն կարգի ուտելիքներով...։
«Սիսուան Արշաւախումբ»ին կազմութիւնը Ֆրանսայի թոյլ ու մանաւանդ երկդիմի քաղաքականութիւնը, գրաւման տակ գտնուող շրջանակներուն մէջ իսկ ստեղծած էր նշանաւոր չարագործներ։ Ասոնցմէ մէկն էր Ճիհանի կառավարիչ Իպրահիմ պէյը, որ ֆրանսական դրօշին տակ ծառայելու խոստումով, ֆրանսացիներէն ստացած էր կարեւոր գումարներ, զէնք, ձի, եւն, եւ անոնցմով զօրաւոր խումբ մը կազմելով, օր մըն ալ յանկարծ աներեւոյթ կ’ըլլայ, - ապաստանելով` Ճիհանէն 4 ժամ անդին, Քուրդ Գուլաք ըսուած վայրը, եւ տիրանալով` պատերազմի ատեն գերմաններէն հոն տեղաւորուած չորս մեծ թնդանօթներու (105նոց), կը սկսի սպառնալ շրջակայքին։ Այդ թնդանօթները ունէին 400է աւելի ռումբեր, եւ Իպրահիմ պէյ անոնցմով կը ռմբակոծէ երկաթուղագիծը, Նաճարլը զուտ հայաբնակ գիւղը, մինչեւ Թօփրաք-Գալէ, ուր
335
ֆրանսական պահակախումբ մը կը գտնուէր։ Արտաքին աշխարհէն կտրուած Նաճարլըցիք մանաւանդ, շատ կը նեղուին Իպրահիմ պէյէն, եւ քանիցս ապարդիւն դիմումներ կը կատարեն Ատանա։ Ի վերջոյ, ճարահատ, կը տեղեկացնեն թէ ամբողջ գիւղով Ատանա պիտի գաղթէին, եթէ կառավարութիւնը շարունակէր անտարբեր մնալ։ ***
Եւ ահա՛, Ատանայի հայկական ուժերու վերին հրամանատարութիւնը, Յուլիս 15 ամսաթիւ պաշտօնագիր մը կը ստանայ ֆրանսական զինուորական իշխանութենէն, ծանուցանող թէ իրենք 25 հոգինոց պահակախումբ մը կ’ուզեն ղրկել Նաճարլը, բայց այդ ուժը անբաւական ըլլալով, կը թելադրեն կազմել նաեւ հայ կամաւորներու խումբ մը ու միասին յիշեալ գիւղը ղրկել։ Զինուորական իշխանութիւնը, այս գրութեամբ, կարգ մը հրահանգներ ալ կուտար ու կը պահանջէր որ անոնք կէտ առ կէտ գործադրուին։ Հայկական վերին հրամանատարութիւնը, ուրախ ներկայացած այս առիթէն, կ’ընտրէ խմբապետ մը յանձին` ռամկավար Սարգիս Տէր Յակոբեանի, բնիկ Սսեցի կտրիճ երիտասարդ մը, որ պատերազմի ատեն, Աւետիս չավուշին պէս, փոքրիկ խումբով մը իբր քիւրտ լեռները ապաստանելով, շատ մը քաջագործութիւններ կատարած էր, մասնաւորաբար Ինճիրլիկի շրջանակին մէջ։ Տէր Յակոբեան կը ներկայանայ Ատանայի զինուորական կառավարիչ Մ. Թօմի Մարթէնի, ստանալու համար կարգ մը լուսաբանութիւններ, եւ կը խնդրէ որ տրուելիք հրահանգները ըլլան գրաւոր եւ բացորոշ։ Թօմի Մարթէն կը խոստանայ խումբին տալ ամէն դիւրութիւն։ Տէր Յակոբեան վերադառնալով վերին հրամանատարութեան մօտ, կը հաղորդէ իր ստացած պատասխանը, եւ փափաք կը յայտնէ որ Ապահ եւս ընկերանայ իրեն։ Ատկէ առաջ արդէն, ինչպէս յիշեցինք, որոշուած էր Ապահը Տէօրթ Եօլ ուղարկել, անկէ զէնք փոխադրելու համար Ատանա։ Ուստի յարմար կը տեսնուի օգտուիլ ներկայացած այդ առիթէն, քանի որ Տէօրթ Եօլ երթալու ուրիշ ոեւէ ճամբայ չկար։ Ռամկավար կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ ու պատասխանատըւթեամբ, (Ազատականներու հետ դեռ միացումը կատարուած չէր), կը կազմակերպուի 100 հոգինոց խումբ մը, զէնքերով միասին։ Վերին հրամանատարութեան կողմէ քաղաքացիներէն կը գրաւուին 15 ձիեր, որոնց սարքը կ’ամբողջացուի թուրք խանութներէն։ Ձեռնարկը, ինչպէս կը տեսնուի, պաշտօնական հանգամանք մը կը կրէր։ Ֆրանսացւոց տրամադրութիւնները կը թուէր թէ լաւ էին հայոց վերաբերմամբ։ Սակայն վերին հրամանատարութիւնը, վերջին պահուն կ’որոշէ աւելի ստուար
336
խումբ մը ճամբայ հանել` աւելի լայն ծրագրով մը գործելու համար։ Կը դիմուի Ազատականներուն (Վերակազմեալ Հնչակեան), որպէսզի 100 հոգի ալ անոնք տրամադրեն եւ այդպիսով 200 հոգինոց խումբով մը Ճիհան գետէն անդին, Տէօրթ Եօլցիներու եւս աջակցութեամբ գրաւուի Այասը եւ շրջակայքը։ Ազատականները անմիջապէս կը տրամադրեն 25 հոգի, որոնց պիտի միանար դաշտի մէջ գործող Չագըճիի խումբը, որ սակայն չի կրնար գալ, ինչպէս որ չի գար` ֆրանսական զինուորական իշխանութիւններէն խոստացուած 25 ժանտարմներու խումբը, ամբողջութեամբ հայ, զի այս վերջինները Ատանայի շուրջ կարեւոր դիրքի մը պաշտպանութեամբն զբաղուած էին։ Խումբը, ուրեմն, 125 հոգիէ կը բաղկանայ, ու կ’առնէ «Սիսուան» անունը։ Այս խումբին կազմութեան գործին մէջ Ապահ կը բերէ իր կարեւոր օժանդակութիւնը։ ***
«Սիսուան Արշաւախումբ»ի երկու պետերը, Ապահ եւ Տէր Յակոբեան, Յուլիս 20 ամսաթիւ պաշտօնագիր մը կը ստանան ֆրանսական զինուորական իշխանութենէն, որ կը հրահանգէր հետեւիլ` Ինճիրլիկ – Ապտօղլու – Միսիս – Չագալ Տէրէ – Նաճարլը – Ճիհան գիծը` մինչեւ Տէօրթ Եօլ։ Ըստ այդ պաշտօնագրին, արշաւախումբին պարտականութիւնն էր` Քուրդ-Գուլաքի մէջ ապաստանած Իպրահիմ պէյի ուժերը յանկարծակիի բերել եւ ոչնչացնել։ Իպրահիմ պէյ ողջ կամ մեռած բռնուելու պարագային, կը խոստացուէր 1000 ոսկի վարձատրութիւն տալ։ Խումբը պիտի փճացնէր Քուրդ-Գուլաքի գերմանական 4 մեծ թնդանօթները, եւ անոր ռումբերը պիտի գրաւէր կամ պայթեցնէր, թէեւ մինչեւ «Սիսուան Արշաւախումբ»ի Ճիհան ժամանելը, ֆրանսական զօրասիւն մը պիտի յաջողէր փճացնել Իպրահիմ պէյի կողմէ յափշտակուած այդ զէնքերը։ Խումբին պետերը կ’արտօնուէին չխնայել այդ մարդոց, եթէ անոնց կողմէ ընդդիմութիւն կատարւէր։ Պիտի մաքրէին Նաճարլը – Տէօրթ Եօլ ճամբան, եւ այդ երկու տեղերուն միջեւ լիէզօն պիտի հաստատէին։ Խումբին 15 օրուան պարէնը, ինչպէս նաեւ ռազմամթերքը պիտի հայթայթէր Ճիհանի ֆրանսական իշխանութիւնը։ Այս բոլորէն ետք, պաշտօնագիրը կ’աւելցնէր թէ գործողութեան ձեռնարկելէ առաջ, խմբապետները պարտաւոր էին` Ճիհանի կառավարիչ տեղակալ Էրրիկը տեսնել եւ անոր հետ համախորհուրդ գործել։ Եւ այս վերջին պայմանը կ’ոչնչացնէր միւս բոլոր արտօնութիւնները, ինչպէս պիտի տեսնենք քիչ մը անդին։ Ատանայէն Տէօրթ Եօլ Յուլիս 20ի Երեքշաբթի օրը, «Սիսուան Արշաւախումբ»ը տենդագին աշխատանքով մը իր պատրաստութիւնները կը լրացնէ, երեկոյեան մութին հետ
337
ճամբայ ելլելու համար։ Հայ Բողոքականաց ժողովասրահին յարկաբաժինները եւ ընդարձակ շրջափակը լեցուած են ստուար բազմութեամբ մը հետաքրքիրներու, բարեկամներու եւ ընկերներու։ Բակին մէջտեղ, քով քովի օդին մէջ կը ծածանին հայկական եւ ֆրանսական եռագոյնները։ Ճառեր եւ ուղերձներ, (որոնցմէ մասնաւորաբար տարեց հովիւ` Զէյթունցի Կարապետ պատուելիին (Յարութիւն Նօխուտեան ?) արտասանածը), իրարու կը յաջորդեն, ապա սրտագին ողջագուրումներ եւ խումբը ճամբայ կ’ելլէ Մեր հայրենիքով, կ’անցնի վերին հրամանատարութեան շէնքին առջեւէն եւ Ճան Շիշմանեանի ոգեւորիչ խօսքերէն յետոյ, գիշերուան ժամը 9ին կ’ուղղուի` Սիհունի հինաւուրց քարէ կամուրջը եւ անկէ դաշտը։ Երեք ժամուան ճամբորդութենէ մը յետոյ, արդէն առաջին կայանն են` Ինճիրլիկը, որ այդ օրերուն յաճախ ենթարկուած էր չէթէներու յարձակումին։ Խումբը զգուշաւորական միջոցներ ձեռք առած, կը հանգստանայ։ Առաւօտեան դէմ, թշնամի կարեւոր ուժեր նոր յարձակումի մը կ’ենթարկեն գիւղը, անշուշտ անտեղեակ` «Սիսուան Արշաւախումբ»ին ներկայութենէն։ Ու յանկարծուստ դասերնին առած, մեծ կորուստներով կը քաշուին։ Ապահ այս դէպքը կը հեռաձայնէ Ատանա, ուրկէ հրահանգ կը տրուի իրեն սպասել` մինչեւ տեղւոյն համար պահակախումբի մը ուղարկումը։ Յուլիս 21էն 24, խմբապետներ` Սարգիս Տէր Յակոբեանի կարգադրութեամբ, եւ Ապահի հսկողութեան տակ, «Սիսուան»ի զինուորները դասերու կը բաժնուին, անոնցմէ քսանապետներ, դասապետներ կ’ընտրուին, կանոնաւոր զինուորական մարզանքի կը հանուին։ Խումբէն Նշան Տէր Պետրոսեան Ատանա կը ղրկուի կարեւոր պէտքերու համար, ոմանք ցորեն քաղելով կը զբաղուին. քաղուած ցորենը կ’ուղարկուի Ատանա, ի փոխարէն, խումբին համար ալիւր ստանալու համար եւն։ Յուլիս 24ին Ատանայէն 50 հայ ժանտարմներու պահակախումբը հասնելով կը յայտնէ «Սիսուան»ի պետերուն թէ այլեւս կրնային մեկնիլ։ Գիշերուան ժամը 8.30ին խումբը ճամբայ կ’ելլէ եւ յաջորդ առաւօտուն կը ժամանէ Ապտօղլու, կէս գիշերուան մօտ, իր ճամբուն վրայ, Աքարճայի առջեւ հանդիպելէ վերջ Ս. Դ. Հնչակեան եւ Դաշնակցական խումբերուն։ ***
Ապտօղլու, Ճիհան գետին եզերքը եւ Ատանայէն 9 ժամ հեռու Իւրէիլի բարեբեր դաշտին մէջ կէս հայ եւ կէս թուրք բնակչութեամբ գիւղ մըն էր, նշանաւոր նաեւ 1909ի ջարդով եւ վերջին ժամանակները իր մէջ կատարուած սարսռազդեցիկ տրամներով։ Գիւղին քանի մը տուն հայերը այդ օրերուն ձգած փախած էին Ատանա։ Բայց թուրքերն ալ չէին կրցած մնալ եւ ամէն ինչ եղածին պէս թողած ու հեռացած էին։ «Սիսուան»ի պետերը իջեւանելով այրած գիւղը, լուր կը
338
ղրկեն Ատանա գիւղացիներուն որ գան իրենց քրտինքին արդիւնքը վերցնեն տանին։ Գիւղացիներուն հետ ուրիշներ ալ որոնք կենդանի մը, կառք մը ունին, կը թափին Ապտօղլու եւ շուրջ 150-200 կառքերով արտերու, պարտէզներու բերքերը կը փոխադրեն Ատանա, որ ինչպէս ըսած էինք, պաշարման շղթայի տակ, սովամահ պիտի ըլլար։ Ճիհանի միւս ափին վրայ թրքական գիւղ մը կայ, բարբարոս բնակչութեամբ։ Ապտօղլուի հայոց դահիճներուն գիւղը։ Խումբը իրեն պարտականութիւն կը համարէ դաս մը տալ անոնց։ Առաւօտուն անոնք ինքզինքնին պաշարուած կը գտնեն անծանօթներէ եւ քառորդ ժամէն անձնատուր կ’ըլլան։ Գիւղին բնակչութիւնը ամբողջութեամբ կուգայ կը յանձնուի։ Այդ տաճիկներուն համար «լուրջ կարգադրութիւն» մը ընել անհրաժեշտ էր, ու նոյնհետայն Ապահի մտքին մէջ կը ծագի արդարադատ խորհուրդ մը, երբ իր աչքերուն առջեւ կը պատկերանայ Տէր Զօրի կողմերը, Եփրատի հոսանքին յանձնուած հայ անմեղ տարագրեալներու բրգացած դիակները...։ Փոխ-վրէժի ժամը հնչած էր ու տատամսելու ատենը չէր։ Օրն էր տօթակէզ, ու Ապահի մէկ հրահանգին վրայ, Էնվէրներու ու Թալէաթներու այդ իժածին ազգակիցները կը թոյլատրուին երթալ զովանալ Ճիհանի հիւրընկալ ծոցին մէջ։ Այս «լուրջ կարգադրութիւն»ը ոեւէ հետք չի ձգեր, զի դարձեալ Ապահի դրդումով լրջօրէն կը տարաձայնուի թէ թուրք չէթէներ եկած գիւղը այրած եւ ժողովուրդը ամբողջութեամբ հետերնին տարած են, որպէսզի ֆրանսացիներուն չի հպատակին ու անոնց զինուորական գործառնութեանց չի նպաստեն...։ Այսպիսով մէկ ժամէն ձեռք կը բերուի 150 ոչխար, 15 եզ եւ 10 ձի։ Այս վերջինները կը գրառուին խումբին համար, որ կ’ունենայ 25 հեծեալ, իսկ ոչխարներն ու եզները կը ղրկուին Ատանա, անոնց փոխարժէքով զէնք եւ ռազմանիւթ գնուելու համար։ Արշաւախումբին վեց օրուան ներկայութիւնը Ապտօղլու (Յուլիս 25-30), օրհնութիւն մը կ’ըլլայ Ատանայի սովամերձ ժողովուրդին համար զի այդ վեց օրուան մէջ Ատանա կ’ողողուի ցորենով, պտուղներով (մասնաւորաբար ձմերուկ) եւ կենդանիներով։ ***
Ապտօղլուէն անդին ճամբան Ճիհանի կամուրջին կ’անցնի։ Ուստի Ապահ, Ուրբաթ 30 Յուլիսին, ցերեկէն յետոյ եօթը ձիաւորներով կ’երթայ Միսիս, ֆրանսական զինուորական հրամանատարութենէն անցքին հրամանը առնելու։ Հրամանատարը, Զօրավար Տիւֆիէօ, կը խոստանայ որոշեալ ժամուն անձամբ ներկայ ըլլալ կամուրջին գլուխը, հսկելու որ խումբը հանգիստ կերպով անցնի։ Այդպէս ալ կ’ըլլայ։
339
Խումբին մօտ` իր վերադարձին, Ապահ կը հանդիպի Դաշնակցութեան գործով Մինաս Վերածինի, որ 15 ընկերներով կը վերադառնար Աքարճա։ Ապտօղլուէն Միսիս մօտ 3 ժամուան ճամբայ է եւ գիշերուան ժամը 11ին, խումբը արդէն Միսիս կը հասնի։ Հոն, Ապահ, ֆրանսական զինուորական հրամանատարութենէն` խումբին համար կը ստանայ պարէն եւ ռազմանիւթ ու կիրճերէ եւ վտանգաւոր ճամբաներէ անցնելէ յետոյ, 4 ժամէն (Շաբաթ 31 Յուլիս) կը հասնի Չագալ Տէտէ, ուր կը գտնուէր Սէրժան Յակոբ Արեւեան իր 40 լէգէոնական ընկերներով, որ ա՛ն ալ իր կարգին կը դիւրացնէ խումբին անցքը դէպի ԵըլանԳալէ (ուր նմանապէս լէգէոնականներ կային), եւ անկէ, Կիրակի 1 Օգոստոս առաւօտեան ժամը 3ին կը ժամանէ Նաճարլը։ Ճամբորդութեան այս վերջին մասը արկածներով լեցուն կ’ըլլայ։ Անցողակի ըսենք որ, այդ թուականէն ճիշդ մէկ ամիս վերջ, այսինքն 1920 Սեպտեմբեր 1ին, այս նոյն վտանգաւոր վայրերուն մէջ իր չարաբար վախճանը պիտի գտնէր ողբ. Մարտիրոս Ոսկեան, չորս ընկերներով չէթէներու կողմէ կրած վայրագ յարձակումովը։ (Այս մասին տեսնել Ոսկեանի մասին մեր պատրաստած կենսագրական նօթերը գրքիս «Յաւելուած»ին մէջ)։ ***
Նաճարլըի վիճակը պատմած ենք նախորդ էջերուն մէջ. թրքութեան մէջ թողլքուած միակ հայ գիւղը, որուն այր ու կին բնակիչները գիշեր ցորեկ զէն ի ձեռին պահակ կը սպասէին` յանկարծակի չգալու համար։ Ըսինք թէ Ապահի եւ Տէր Յակոբեանի հրամանին տակ գտնուող «Սիսուան Արշաւախումբ»ին կազմութեան պատճառն ալ այս գիւղացիները եղած էին։ Ուստի կարելի է երեւակայել իրենց ուրախութիւնը` երբ կ’իմանան թէ հայկական խումբ մը իրենց սահմաններուն կը մօտենայ։ Դրօշակներով, երգերով, ծափերով ընդառաջ կուգան եւ խումբը դէպի իրենց դիրքերը կ’առաջնորդեն։ Անոնք ձգած էին գիւղը, եւ քաշուած Տուման Տէրէ լերան գագաթը, ու հոն ամրացած էին։ Բայց կը թուի թէ Նաճարլըցիներուն չափ, թերեւս քիչ մըն ալ աւելի գոհ են նաեւ շրջակայ... թուրք գիւղացիները, որոնց կողմէ 4-5 գիւղերու գիւղացիները, նոյն օրը, առջեւնին ձգած 10ի չափ եզներ եւ ոչխարներ, կուգան խումբին պետերուն քով, բարի գալուստ մաղթելու եւ յայտներու թէ «մեր դռները միշտ բաց են ձեզ համար...»։ Խումբը հիմա մօտեցած է իր նպատակակէտին։ Ուստի Ապահ եւ Տէր Յակոբեան հարկ կը տեսնեն, համաձայն իրենց վրայ դրուած պարտաւորութեան, Ճիհան երթալ, խորհրդակցելու տեղւոյն կառավարիչին հետ։ Նոյն օրը, Կիրակի 1 Օգոստոսին, Ապահ եւ Ս. Տէր Յակոբեան, 25 ձիաւորներով կ’իջնեն Ճիհան եւ կը ներկայանան տեղակալ Էրրիկի։ Հասկնալի է թէ հայ
340
խումբի մը այս անակնկալ երեւումը Ճիհանի մէջ ի՛նչ ազդեցութիւն յառաջ բերած էր տեղւոյն թուրք բնակչութեան վրայ։ Մէկ վայրկեանի մէջ շուկան գոցուած եւ փողոցները պարպուած էին։ Կառավարիչը հարկ եղած քաղաքավարութեամբ կ’ընդունի խումբը, կը կարդայ, վերստին կը կարդայ պաշտօնաթուղթերը, եւ ի վերջոյ կը յայտնէ թէ «ձեզ իբր պարտականութիւն նշանակուած գործողութիւնները կատարուած լմնցած են, իսկ Իպրահիմ պէյ հեռաւոր տեղեր ապաստանած. հետեւաբար, կ’եզրակացնէ Մ. Էրրիկի, Ճիհանի շրջանակին մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ եւ դուք պէտք է հեռանաք, քանի որ ձեր ներկայութիւնը պիտի վախցնէ թուրքերը, որոնք գուցէ այդ պատճառով ստիպուին գաղթել»։ Ապահ շատ կը զարմանայ անշուշտ Պ. Կառավարիչին` թուրքերու վերաբերմամբ գուրգուրանքի խօսքերէն ու դիտել կուտայ որ աւելի լաւ պիտի ըլլար եթէ անոնք բոլորն ալ քաղաքէն երթային ու Ատանայի մէջ խռնուած հայութիւնը գար լեցնէր անոնց տեղերը։ Այդ կերպով պիտի թեթեւնար նաեւ Ատանայի ֆրանսական զինուորական իշխանութեանց հոգը։ - Այդ քաղաքականութիւնը, կ’ըսէ Մ. Էրրիկի, կարելի է գործադրել Ատանայի եւ Տէօրթ Եօլի մէջ, բայց հոս` բնա՛ւ։ Իրարու այսքան հակոտնեայ էին Ատանայի եւ Ճիհանի կառավարութեանց տեսակէտներն ու ընթացքը հայոց վերաբերմամբ, Կիլիկեան ներգաղթի առաջին օրերէն մինչեւ վերջը։ Պ. Կառավարիչը նոյնիսկ չ’ուզեր գոհացում տալ խումբին համար պարէնի եւ ռազմամթերքի պահանջքին ու շատ մը խօսքերէ վերջ միայն կ’արտօնէ 2 սնտուկ փամփուշտ եւ 6 պարկ ալիւր տալ։ Ու երբ խումբին պետերը հրաժեշտ կ’առնեն կառավարիչէն, այս վերջինը քմծիծաղով մը Ապահին կ’ըսէ. «Շուկայէն անցած ատեն ուշադրութիւն ըրէ՛ք գոցուած խանութներուն, որոնց տէրերը թուրքեր էին եւ որոնք երբ ձեր գալուն լուրը առին, խանութնին գոցեցին եւ փախան»։ Այս խօսքերուն, Ապահ կը պատասխանէ կատակի ձեւով. «Քանի մը օրէն փոխանակ 25ի, 500 հոգիով պիտի գամ ու այն ատեն ամէնքն ալ վերջնականապէս պիտի փախցնեմ...»։ 25 ձիաւորներու հեծեալ խումբը, երեկոյեան, Ճիհանէն կը վերադառնայ Նաճարլը։ Ճամբուն կէսին 15 թուրք ձիաւորներու հանդիպելով, անոնցմէ երեք հոգի անձնատուր կ’ըլլան խումբին իսկ մնացեալները մթութենէն օգտուելով փախուստ կուտան, այդպէսով երեք ձի եւ երեք զէնք արշաւախումբին ձգելէ յետոյ։ Երկուշաբթի առաւօտ, «Սիսուան»ի խմբապետները ժողով մը գումարելով եւ Ճիհանի զինուորական կառավարիչին յարուցած արգելքները քննելով, կ’որոշեն Նաճարլը թողուլ խումբին հետեւակները ու մնացեալ ձիաւորներով մեկնիլ Տէօրթ Եօլ։
341
Ժողովը նոյն օրակարգով կը շարունակուի մինչեւ երեկոյ, ուր յետոյ, խորհրդակցութեանց կը հրաւիրուին նաեւ գիւղին քահանան ու ծանօթ դէմքերը։ Յաջորդ օրը, Երեքշաբթի 3 Օգոստոս, առաւօտուն դարձեալ կը շարունակուին նախորդ գիշերուան խորհրդակցութիւնները ի մասին ներքին կազմակերպութեան եւ պարենաւորման։ Այդ ժողովներուն կը նախագահեն` Ապահ եւ Տէր Յակոբեան։ Նոյն օրը, իրիկուան ժամը 6ին, միայն 30 հեծեալներով, Ապահ եւ Տէր Յակոբեան կը մեկնին Տէօրթ Եօլ, ուր կը հասնին 10 ժամէն, այսինքն Չորեքշաբթի, 4 Օգոստոսի առաւօտուն, անկէ սկսելու համար ծրագրի միւս մասին գործադրութեան։ Խումբի պետերուն նպատակն էր` Տէօրթ Եօլէն 200 նոր ուժեր եւս միացնելով` Նաճարլըի մէջ մնացած 100 հետեւակ զինուորներուն, անոնցմով գրաւել Այասը եւ դիրք բռնել, ինչպէս նախապէս Ատանայի մէջ որոշուած էր։ Ռամկավար եւ Ազատական կուսակցութեանց «Սիսուան Արշաւախումբ»ի այս արկածալից ճամբորդութիւնը` Ատանայէն Տէօրթ Եօլ, կը տեւէ ճիշդ 15 օր, կտրելով ամբողջ Կիլիկեան դաշտը։
Տէօրթ Եօլի մէջ Տէօրթ Եօլցիները երբ «Սիսուան Արշաւախումբ»ի մօտենալը կը լսեն, շուրջ 500 հոգիներ դրօշակներ առած փառաւոր թափօրով մը կ’երթան դիմաւորել։ Առաւօտուն կանուխ քաղաքը ամբողջ եռուզեռի մէջ է, երբ Արշաւախումբի քաջարի ձիաւորները, բազմահարիւր ժողովուրդին կողմէ` միահամուռ երգուած Առաւօտ լուսոյի սրտագրաւ շարականով, յաղթականօրէն կ’առաջնորդուին եկեղեցի...։ Աննկարագրելի է ամբոխային խրախճանքը։ Եկեղեցւոյ մէջ պահ մը հանգստանալէ վերջ, Ապահ եւ Տէր Յակոբեան կ’երթան` տեղւոյն ֆրանսացի զինուորական կառավարիչ` տեղակալ Սուլիէն տեսնել եւ իրենց պաշտօնաթղթերը ներկայացնել։ Ապա կ’իջեւանին` Հ.Բ.Ը.Միութեան Քէլէկեան Որբանոցը, ուր իրենց կ’ըլլայ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ ճաշկերոյթ։ Սակայն նոյն դժուարութիւնները նաեւ Տէօրթ Եօլի մէջ, որուն զինուորական կառավարիչը, նոյն օրը ցերեկէն յետոյ Քէլէկեան Որբանոցը երթալով, արշաւախումբի պետերուն կը հաղորդէ որ համաձայն Իսկէնտէրունէն իր ստացած հրամանին, անոնք քանի մը օր միայն կրնային մնալ Տէօրթ Եօլի մէջ։ Այնուհետեւ Նաճարլը մնացած հետեւակները եւս կը հասնին եւ հոն յարմար կը տեսնուի զանոնք լծել քաղաքին ինքնապաշտպանութեան գործին։ Հինգշաբթի, 5 Օգոստոսին, Տէօրթ Եօլի բոլոր պաշտպանական մարմինները հաւաքաբար կ’երթան իրենց խնդակցութիւնն ու բարի գալուստի մաղթանքները ներկայացնել «Սիսուան»ի սպայակոյտին։ Հետեւեալ օրը, տեղակալ Սուլիէ «Սիսուան»ի պետերը իր մօտ հրաւիրելով
342
կը խնդրէ անոնցմէ որ նոյն գիշերը` Էրչինի շրջակայքը (Տէօրթ Եօլի հիւսիսային կողմը) արշաւելով, հետազօտութիւն մը կատարեն` մեկնող ֆրանսական զօրասիւնին ապահովութեան նկատմամբ։ Շաբաթ առաւօտ կանուխ, Ապահ իր ընկերներով կ’ուղեւորուի Էրզէնի կողմերը, ու վերադարձին, գերի բռնած քանի մը թուրք չէթէներ կը յանձնէ ֆրանսական հրամանատարին։ ***
Երբ Ապահ Տէօրթ Եօլ կը հասնէր, ռամկավար ընկերներէն Մլեհ եւ Լեւոն Աճէմեան հոն էին։ Անոնցմէ վերջ Պոլսէն եկած էր նաեւ Ռուբէն Հերեան, որ 800 ոսկիի չափ գումար մը ունէր իր քով` տրամադրելի ազգային նպատակներու։ Քիչ ատենէն, Հայաստանէն հոն կը հասնի նաեւ Արմենակ Եկարեան Ապահի մօրեղբօրորդիներէն` Ամերիկահայ Համազասպ Բարունակեան, եւն։ Այդ անյուսութեան մէջ, յոյսի ու խանդավառութեան օրեր կը ստեղծուին Տէօրթ Եօլցւոց մէջ շնորհիւ Հերեանի զուարթախօս բնաւորութեան, որուն հետ վերոյիշեալ գործիչները կ’ապրէին միասին մէկ բնակարանի մէջ, արտասահմանէն եկող մտաւորական ուրիշ հիւրերու հետ. անոնք կը սնանէին մէկ սեղանէ, ու Հերեան այդ բազմանդամ տունին զուարթ ու կատակաբան պապան կ’ըլլայ։ Տէօրթ Եօլի մէջ երկու գլխաւոր արգելքներ կը յարուցուին, յիշեալներու կուսակցական գործունէութիւնը ջլատող – արտաքին եւ ներքին։ Արտաքինը, ֆրանսացւոց ընթացքն էր հայոց եւ թրքաց վերաբերմամբ, այսինքն` փայփայել թուրքերը եւ հարուածել հայերը։ Իսկ ներքինը` կուսակցական հակամարտութիւնն էր, մատնչական եւ անկարգապահական տխուր կողմերով։ Տէօրթ Եօլի մէջ կային Ազգային Միութիւն մը (Խաչեր Էֆ. Գարաեաղուպեանի3 ատենապետութեամբ), Միջկուսակցային Մարմին մը, ինքնապաշտպանութեան կօմիտէ մը (Մլեհի ղեկավարութեան տակ), կուսակցական Ակումբներ եւն, բայց նորէն կարելի չէր եղած փափաքուած կարգապահութիւնը ներմուծել ժողովուրդին մէջ։ Պէտք կը տեսնուէր երկաթեայ տիսիբլինի մը։ Այդ օրերուն, իր վերադարձի ճամբուն վրայ, պատահմամբ Իսկէնտէրուն կը գտնուի Ամերիկեան բանակի զինուորական եւ Զօրավար Հարպըրի (Harboor) նախագահութեան տակ կազմուած Քննիչ Յանձնախումբին անդամներէն` Յարութիւն Խաչատուրեան։ Յայտնի է թէ Զօրավար Հարպըրի նախագահութեան տակ, 1919ի ամառը, Ամերիկայէն Հայաստան ուղարկուեցաւ Քննիչ Յանձնախումբ մը, Միացեալ Նահանգաց հանգուցեալ նախագահ Ուիլսընի առաջարկով` Թուրքիոյ հայաբնակ նահանգներուն վրայ Ամերիկեան հոգատարութեան ծրագիրը ուսումնասիրելու համար։ Հմուտ մասնագէտներու բազմամարդ առաքելութիւն մըն էր այդ որ իր քննական պտոյտը սկսաւ Պոլսէն, անցաւ Կիլիկիա,
343
հիւսիսային Սիւրիա, Տիգրանակերտ, Խարբերդ, Սըվազ, Երզնկա, Կարին, Կարս, մինչեւ Երեւան։ Ապա Թիֆլիսէն Պաքու, եւ անկէ ալ նոյն տարւոյ Սեպտեմբերին վերադարձաւ Փարիզ։ Զօրավար Հարպըր Ֆրանսայի «Մարթա Վաշինկթըն» նաւով վերադարձաւ Ամերիկա, նաւուն վրայ իսկ պատրաստելով իր տեղեկագիրը` ստորագրուած 16-10-1919։ Այդ տեղեկագիրը որ հրատարակուեցաւ 1920ին, Ամերիկեան ծերակոյտի կողմէ, բացի տեղեկագրական մասէն, կը պարունակէր նաեւ 12 մասնագիտական ցանկութիւններ։ Զօրավար Հարպըր, իր տեղեկագրին մէջ խտացուցած էր 30 օրուայ ճամբորդութեան ընթացքին հաւաքած տեղեկութիւններն ու հանած եզրակացութիւնները որոնք շատ ալ մխիթարական չէին հայերուս համար4։ Յիշեալը անձամբ պատասխանելով Աճէմեանի եւ Հերեանի կողմէ իրեն եղած գործակցութեան գրաւոր հրաւէրին, քանի մը օրէն կուգայ Տէօրթ Եօլ։ Տեղւոյն վրայ, Ատանայի նման զինուորական վերին հրամանատարութիւն մը ստեղծելու մտօք, Ապահի առաջարկով, 4 Օգոստոս Շաբաթ, թէ՛ առաւօտուն եւ թէ՛ երեկոյեան, խորհրդակցական ժողովի կը հրաւիրուին` Ազգային Միութիւնը, կուսակցութիւնները, ինքնապաշտպանութեան կօմիտէն, եւն, մէկ խօսքով քաղաքին բոլոր մարմինները ու խելահաս անձնաւորութիւնները։ Ժողովին մէջ, մասնաւորաբար Ապահ եւ Հերեան երկարօրէն կը ծանրանան օրուան քաղաքական կացութեան վրայ, մի առ մի թուելով` տիրող անկարգութեանց երեսէն հայոց կրելիք վնասները, ու պէտքը կը շեշտեն տիքթաթօրի մը` լիազօրուած ամէն իրաւասութիւններով։ Բարեբաղդաբար համաձայնութիւնը շուտով կը գոյանայ եւ կը ստորագրուի հետեւեալ բանաձեւը. Տէօրթ Եօլի Ազգային Միութիւնը, Զինուորական Մարմինը, Ինքնապաշտպանութեան Կօմիտէն եւ կրուբներու հրամանատարներս, ընդունելով Պ. Յարութիւն Խաչատուրեանը որպէս բացարձակ լիազօր (տիքթաթօր), քաղաքիս ինքնապաշտպանութեան գործը կազմակերպելու եւ վարելու համար, պատւոյ խօսք կուտանք աջակից հանդիսանալու իրեն եւ դիւրացնել անոր ամէն մէկ ձեռնարկը։ Տէօրթ Եօլ, 7 Օգոստոս 1920 Ստորագրութիւնք Այսպիսով, յար եւ նման Ատանային, կը կազմուի հայկական ներքին կառավարութիւն մը, իր զինուորական, տնտեսական, առողջապահական, պարենաւորման եւ այլ բաժանումներով, որ բաւական ժամանակ օգտակար կը հանդիսանայ, վայելելով բոլորին ալ համակրութիւնը, եւ կուրծք տալով շատ մը դժուարութեանց։ Կիրակի, 8 Օգոստոսին պատրաստութիւններ կը տեսնուին` Ապահի դէպի
344
Իսկէնտէրուն ու անկէ ալ Եգիպտոս մեկնումը դիւրացնելու մտօք։ Սակայն յիշեալ վայրէն կը հասնի Գուրգէն (Համբարձում Սարայտարեան) որ կը հաղորդէ «Իզմիրցւոց նուէր»ին ժամանումը (շոգենաւ մը լեցուն ռազմամթերք)։ Հետեւաբար Ապահ կը ստիպուի քիչ մը եւս յետաձգել իր մեկնումը, այդ առթիւ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընելու համար։ Յաջորդ օրն ալ, «Սիսուան»ի զինուորներէն մաս մը դէպի Նաճարլը ճանապարհ կ’ելլէ։ ***
Տէօրթ Եօլի Զինուորական Մարմինին պաշտօնավարութեան ատե՛նն է որ յունական «Վիրօն» շոգենաւով Տէօրթ Եօլ կը հասնի «Իզմիրցւոց նուէր»ը, կամ Յունաստանի նուէրը` Կիլիկիոյ Հայկական Հանրապետութեան (մօտ 5000) Մաուզէր եւ Մարթին հրացաններ, երկու միլիոնի չափ փամփուշտներով։ Այս զէնքերուն պարպումը անվտանգ գլուխ կը հանուի` յաջորդական քանի մը գիշերներու ընթացքին։ Իրողութեան անտեղեակ չէին անշուշտ ֆրանսացիք, անծանօթ չէին նաեւ թուրքերը, որոնցմէ բնակուած Փայասի եւ Տէօրթ Եօլի միջեւ կեցուցուած էր շոգենաւը (երբեմնի հայոց ծոցին մէջ` Էօզէրլի-Չայ Պօղազրի դիմացը). բայց մինչեւ ամենավերջին զէնքն ու փամփուշտը կը պարպուի, շնորհիւ քաղաքի ամբողջ հայ բնակչութեան, նոյնիսկ Քէլէկեան Որբանոցի սաներուն։ Դարձեալ Ապա՛հն է որ իր խանդավառողի եւ կազմակերպողի ձիրքով կը ստանձնէ այս դժուարին ու վտանգալից գործին ընդհանուր ղեկավարութիւնը։ Լեւոն Աճէմեան, Տօքթ. Երուանդ Խաթանասեան եւ ուրիշներ, ծովուն բացերը խարսխող շոգենաւին մէջ անընդհատ զբաղուած կ’ըլլան` զէնքերը պարունակող սնտուկները կոտրելով եւ զանոնք նաւակներու վրայ բեռցնելով։ Ապահ, Ռուբէն Հերեան, Յարութիւն Խաչատուրեան, Գուրգէն (Համբարձում Սարայտարեան), Խոսրով (Յովհաննէս Գարասարգիսեան)5 եւ ուրիշներ այդ Հայաստանի ծովեզրը կեցած, միշտ շրջահայեաց` մօտակայ թուրքերէն կամ ուրիշներէ մատնուելու վտանգէն, կը պարպեն շոգենաւէն եկող նաւակները, ու զէնքերը կը բեռցնեն կենդանիներու վրայ, որոնք իրենց կարգին պիտի տանէին ապահով թաքստոցներ...։ Հակառակ թափուած բոլոր ջանքերուն, մէկ գիշերուան մէջ կարելի չըլլար նաւը պարպել։ Ծովեզերքը կեցողները լսելով թէ առտուն ֆրանսական զօրասիւն մը պիտի անցնի իրենց քովէն, շոգենաւուն մէջ գտնուող Աճէմեանին լուր ղրկելով կը ձգեն կը հեռանան։ Այդ լուրը սակայն մինչեւ Աճէմեանի հասնիլը, ան արդէն բեռցուցած կ’ըլլայ նաւակները։ Տեղի կ’ունենայ խուճապ եւ շփոթութիւն։ Ի վերջոյ, յաջորդական քանի մը գիշերներու ընթացքին կը յաջողին ամբողջութեամբ պարպել շոգենաւը։ Ինչպիսի՜ խանդ, ինչպիսի՜ ոգեւորութիւն, երբ իր բաղդին ձգուած համայնքի
345
մը, գիտակից առաջնորդներու ղեկավարութեան տակ պիտի զինէր ինքզինք եւ իր պապերու հաւատքի պատնէշին վրայ արթուն պիտի հսկէր, եթէ միայն Կիլիկիոյ միւս հայաշատ կեդրոննե՛րը եւս օրինակուէին Տէօրթ Եօլէն, արդարացնելու համար «իրաւունքը զօրաւորինն է»ի կարգախօսը...։ Երկիր մտցուած այդ «զէնք»երը քիչ յետոյ պիտի գրաւուէին «քրիստոնեայ» ֆրանսացիներէն, որպէսզի «քէմալական» Թուրքիոյ մնային, տարիներ վերջ, նոյն այդ զէնքերով, Իսկէնտէրունի սուրիական «Սանճագ»ը կորզելու համար...։
Օգոստոս 4ի «Աքթ»ը Սէվրի վեհաժողովի գումարման թուականը կը մօտենար։ Կիլիկեհայութիւնը պատմական եւ ճակատագրական օրեր կ’ապրի։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ Կիլիկիոյ ապագան։ Կիլիկիոյ հայ ղեկավարները կը խորհին որ Խորհրդաժողովին գումարումէն առաջ քայլ մը պէտք էր առնել6։ Այս ուղղութեամբ միտքերը շատո՜նց ի վեր կ’աշխատին արդէն։ Յուլիս 31ին, Ատանայի Գերագոյն Խորհուրդը վճռակամութեամբ կը մօտենայ խնդրին ու կ’որոշէ Օգոստոս 2ի Երկուշաբթի օրը, կէս օրէ վերջ, ֆրանսական հովանաւորութեան տակ, Կիլիկիոյ ինքնավարութիւնը յայտարարել, զայն նկատելով իբր Ազատ Երկիր, անկախ Թուրքիայէն։ Վերջնական կարգադրութեանց համար կ’որոշուի նոյն գիշերը նիստ մը եւս գումարել։ Ազգային Միութեան Ռամկավար կուսակցութեան ներկայացուցիչները, կուսակցութենէն իրենց ստացած հրահանգին համաձայն, կ’առաջարկեն` ֆրանսական գրաւման շրջանակէն դուրս կատարել այդ Աքթը, որուն Վերակազմեալներէն ալ համամիտ կը գտնուին, ինչ որ յարմար կը նկատուի յետաձգել ցորեկուան որոշումը։ Անխորհուրդ արարք մը սակայն կուգայ խանգարել պատրաստուած ծրագիրը։ Ազգային Միութեան Դաշնակցական անդամ Մինաս Վերածին, Յուլիս 31ի նիստէն վերջ Իւրէիլ մեկնելով, Օգոստոս 2ի Երկուշաբթի օրը, կանխելով Գերագոյն Խորհուրդի որոշումը, իր ստորագրութեան տակ, Կիլիկիոյ Հայկական Միջագետքի անկախութիւնը կը յայտարարէ...։ Հո՛ս ալ կուսակցական մենատիրութեան մէկ ուրիշ տխուր փաստը։ Այն Դաշնակցութիւնը որ կը պնդէր կիլիկեհայութիւնը փոխադրել Հայաստան, նո՛յն կուսակցութիւնն էր որ կ’ուզէր «մենք ըրինք»ի առաջնութիւնն շահիլ եթէ ազգովին ծրագրուած այդ ձեռնարկը յաջողութիւն գտնէր...։ Գերագոյն Խորհուրդը ուրեմն կը ստիպուի տեղի տալ կատարուած իրողութեան առջեւ եւ աշխատիլ ներդաշնակութիւն մը ստեղծել` Իւրիէլի դաշտին մէջ գործող կուսակցութիւններուն միջեւ։ Օգոստոս 3-4ի գիշերը, Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ կը խմբագրուի Կիլիկիոյ անկախութիւնը յայտարարող փռօքլամասիօն մը։ Օգոստոս 4ին, կէսօրէ առաջ
346
կը գումարուի համաքրիստոնէական համագումար մը, բաղկացած հայ, յոյն, սիւրիացի, քաղդէացի, ասորի, յակոբիկեան յարանուանութիւններէն, որ կը քննէ «յայտարարութիւն»ը, շատ լաւ կը գտնէ եւ կը ստորագրէ։ Ֆրանսական թրքասէր քաղաքականութիւնը ստիպած էր Քրիստոնեայ բաղկացուցիչ ցեղերուն դառնալ իրենց ճակատագրին տէրը։ Այս տեսակ քաջալերական եւ պատեհառիթ շատ մը երեւոյթներէ մղուած, Կիլիկիոյ հայ վարիչները իրենց կարելին պիտի ընէին Ֆրանսան Կիլիկիոյ մէջ պահելու, եւ անոր հովանաւորութեան տակ ստեղծելու ինքնավար Կիլիկիա մը եւ ո՛չ թէ Հայակիլիկիա, բան մը որ յաջողութեան գրաւականը կը կազմէր այն ատեն...։ Իրապէս Կիլիկեան դրոշմ կրող այս յայտարարութիւնը, (եւ ո՛չ թէ Վերածինի կատարածը), նոյն օրէն իսկ մասնաւոր պատուիրակութեամբ եւ Միհրան Տամատեանի առաջնորդութեամբ կը յանձնուի Գնդապետ Պրէմօնին որ լաւ ընդունելութիւն մը ցոյց կուտայ, ու կը խոստանայ այդ Աքթը անթելով հաղորդել Պէյրութ, Զօրավար Կուրօյի։ Ժողովուրդը խիստ խանդավառ այս բոլորէն, կը դրօշազարդէ քաղաքը։ Յաջորդ օրը, Օգոստոս 5ին, կ’որոշուի վերջ տալ Ատանայի թրքական կառավարութեան ու ստեղծել եւ նստեցնել ինքնավար Կիլիկիոյ առժամեայ կառավարութիւնը, անշուշտ` պաշտօնի վրայ եղող թրքական իշխանութեան հանդէպ կարգ մը նախզգուշական միջոցներ ձեռք առնելէ յետոյ։ Կէս օրէն վերջ, ժամը 3.30ին նոր կառավարութիւնը կ’ուղղուի կառավարչատուն ուր հազիւ Տամատեան կը գրաւէր կուսակալին պաշտօնատունը, ահա՛ քիչ վերջը, Մ. Կիզ (Տեղեկատու Դիւանին պետը), եւ իրմէ վերջ Գնդ. Պրէմօն, նախ մեղմօրէն, յետոյ խիստ կերպով կը պահանջեն նոր կառավարութենէն որ ցրուի, սպառնալով, հակառակ պարագային բուռն միջոցներու դիմել։ Առժամեայ կառավարութեան համար ընտրուած եօթը անդամներէն վեցը կը գտնուին կառավարչատուն, որոնցմէ երեք մասնաւորաբար կը ծառանան` իրենց վրայ դրուած այդ արգելքին դէմ։ Ասոր վրայ, ալճերիացի զինուորներ կը բերուին ու սուինի ուժով կառավարչատունէն դուրս կը վռնտեն Տամատեանն ու իր պաշտպանները։ Թուրք կուսակալը կը հրաւիրուի վերագրաւել իր աթոռը։ Պաշտօնապէս կը գրուի Միհրան Տամատեանի թէ խզուած է յարաբերութիւնը իր հետ` Օգոստոս 5ի այդ քայլին մասնակցած ըլլալուն համար։ Այդ օրէն սկսեալ ֆրանսական զինուորական իշխանութիւնը, առանց նկատի առնելու Կիլիկիոյ Քրիստոնեայ ցեղերու ինքնորոշման արդար իրաւունքը այս անկախութեան ժէսթին համար, կը ցրուէ Իւրէիլի մէջ ի՛ր գիտութեամբ, ի՛ր առաջարկութեամբ եւ օժանդակութեամբ կեդրոնացած հայ ուժերը եւ խստօրէն կը հալածէ անոնց պետերը։ Ան հետզհետէ Կիլիկիայէն կ’արտաքսէ քէմբերուն մէջ հաւաքուած բազմահազար հայ գաղթականները, եւ ի վերջոյ կ’աքսորէ հայոց
347
Ազգային Միութիւնը։ Ամբողջական Հայաստանի Բարիզի պատուիրակութեան լիազօր ներկայացուցիչ Տամատեանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները անուշադիր կը մնան եւ իր պաշտօնական հանգամանքը կը տկարանայ։ Եւ այս բոլորը` Էնկիւրիի մէջ քիչ մը աւելի թրքասէր երեւնալու համար...։ ***
Ատանայէն, Օգոստոս 4-5ի գործողութեանց մասին տեղւոյն Ռամկավար կուսակցութեան մարմինէն կը գրուի Տէօրթ Եօլ, հո՛ն եւս նմանօրինակ քայլեր առնելու համար։ Այդ պաշտօնական գրութիւնները անձամբ կը բերէր Մովսէս Ստեփանեան որ Ատանա-Մերսին-Ալէքսանտրէթ-Տէօրթ Եօլ գծով կը հասնէր Երեքշաբթի Օգոստոս 10ին։ Տեղւոյն վրայ կազմուած ներքին կառավարութիւնը արդէն ատենէ մ’իվեր կը գործէր։ Ստացուած հրահանգին վրայ, անմիջապէս կը ձեռնարկուի աշխատանքի։ Կը կազմուի յատուկ Յանձնախումբ։ Ժողովներուն կը մասնակցին Ապահ, Հերեան, Նաթանեան եւ ուրիշներ։ Աճէմեան այդ օրերուն, քաղաքէն դուրս, Տէօրթ Եօլի ծովեզրը կը գտնուի, ակնապիշ սպասելով «իզմիրեցւոց նուէր»ին։ Այդ խորհրդակցութեանց ընթացքին, կը խմբագրուի ա՛յն Յայտարարութիւնը որով Հինգշաբթի, 12 Օգոստոսին, կէս օրէ վերջ ժողովուրդը եկեղեցի հրաւիրւելով անկախութեան հռչակումը պիտի կատարուէր ու կառավարութեան պիտի յայտնուէր թէ Տէօրթ Եօլ ե՛ւս Ամանոսի (Հասան Պէյլի) հետ (Ամանոսցիք արդէն փոխադրուած էին Տէօրթ Եօլ), կը միանայ Ատանային` պահանջելու որ Ֆրանսա Կիլիկիոյ մէջ մնայ եւ պաշտպանէ անոր ինքնավարութիւնը։ Այս Յայտարարութիւնը սակայն չի տրուիր կառավարութեան, վերջին դէպքերը զայն աւելորդ եւ վնասակար դարձուցած ըլլալով։ Ահա, ցարդ գաղտնի մնացած այդ անտիպ վաւերագրին պատճէնը որ խմբագրուած է` 4 Օգոստոս 1920 Աքթին համաձայն. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Ստորագրեալս, յանուն Տէօրթ Եօլի եւ շրջակայից հայութեան եւ միւս Քրիստոնեայ հասարակութեանց, այսօր, .. Օգոստոս 19207, մեր հանդիսաւոր գումարման մէջ կ’որոշենք. - Թէ` հասած նկատելով վայրկեանը` մեր դարաւոր իղձերուն իրականացման. - Աչքի առաջ ունենալով, թուրք ռէժիմին դէմ մարտնչող մեր բազմահազար նահատակներու նուիրումէն ծնունդ առած անժխտելի իրաւունքը. - Նկատի ունենալով ներկայ ընդհանուր պատերազմին, մե՛ր եւս, դաշնակից յաղթական պետութեանց կողքին մասնակցութեամբ ստացած իրաւունքը. - Ու մանաւանդ քաջալերուած` պաշտպան դաշնակիցներէն` ֆրանսական ուժերու ներկայութենէն.
348
Կը յայտարարենք. Տէօրթ Եօլի եւ շրջակայից քրիստոնեաներն եւս, ներկայացուած` Չորք-Մարզպանի, Էօզէրլիի, Օճագլըի, Չայլիի, Փայասի, Նաճարլըի, Այաս-Եումուրթալըքի, Օսմանիէի, Պաղչէի, Հարունիէի, Հասան-Պէյլիի (Ամանոս), Իսլահիէի, Խասսայի, Էքպէզի, եւն. հասարակութիւններէն, անպայման յարելով` 4 Օգոստոս 1920ին, Ատանայի մէջ ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ հռչակուած` թուրք տիրապետութենէն` քաղաքական անկախութեան Մեծ Աքթին. Կը յայտարարենք. Թէ` մենք ե՛ւս, որպէս անբաժանելի հատուածը` Կիլիկիոյ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն, եւ իւրացնելով, անցեալ 4 Օգոստոսին Ատանայի Միջքրիստոնէական Արտակարգ Խորհուրդին ֆրանսական հակակշռի հետ` Գնդապետ Պրէմօնին մատուցած պաշտօնական յայտարարութեան բովանդակ տրամադրութիւնները, այլեւս բացարձակապէս վերջացած կը համարենք, այս հողամասերուն վրայ թուրք պետութեան յետին ու անուանական նշոյլն իսկ, եւ ինքզինքնիս կցուած կը յայտարարենք` Ատանայի 4 Օգոստոս 1920ի նորակազմ կառավարութեան, ընդ հոգատարութեամբ Արեւելքի դարաւոր պաշտպան` ասպետական Ֆրանսայի։ Ու կ’որոշենք. Մեր այս Աքթը հաղորդել. Ա. Ատանայի 4 Օգոստոս 1920ի նորակազմ կառավարութեան. Բ. Ֆրանսական հոգատար պետութեան կեդրոնական կառավարութեան եւ դաշնակից կառավարութեանց, Կիլիկիոյ ֆրանսական հակակշռի պետ եւ վերին վարիչ Գնդապետ Պրէմօնի` անոր քաղաքական ներկայացուցիչ` շրջանակիս զինուորական կառավարիչ տեղակալ Ֆլօրանի միջոցաւ. Գ. Թուրք նախկին կառավարութեան տեղական շրջանակիս առօրեայ գործերը վարելու համար որոշուած կառավարական առժամեայ աւագ պաշտօնէութեան ցանկը. ---------------------------------Կեցցէ՛ հոգատար Ֆրանսան. Կեցցէ՛ ինքնավար Կիլիկիան։ Վերադարձ Եգիպտոս Այս պայմաններուն տակ, այլեւս կը վերջանայ Ապահի պաշտօնը, մանաւանդ որ ֆրանսական զինուորական իշխանութիւնը սկսած էր հաշտ աչքով չի նայիլ` իր նման կուսակցական ղեկավարներուն, եւ ան վշտահար ու ընկճուած, բայց ո՛չ յուսահատ, Տէօրթ Եօլէն կը վերադառնայ Եգիպտոս։ Նախ քան Տէօրթ Եօլէն մեկնումը, Ապահ վերջին այցելութիւն մը եւս կուտայ տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Քէլէկեան Որբանոցին (Յովհաննէս Ահարոնեանի տեսչութեան ներքեւ), եւ կը ձգէ հետեւեալ գնահատական արձանագրութիւնը այդ հաստատութեան այցելուներու տոմարին մէջ.
349
Եկայ, տեսայ եւ կ’երթամ։ Սակայն երթալէ առաջ, անգամ մ’ալ խուզարկու նայուածքս կ’ուղղեմ` Հ.Բ.Ը.Միութեան Տէօրթ Եօլի Քէլէկեան Որբանոցի երկու հարիւրի մօտ սաներուն վրայ։ Սրտի անհուն հրճուանօք կը դիտեմ, Որբանոցի միամեայ շրջանի մը մէջ ցոյց տուած հսկայաքայլ յառաջդիմութիւնը։ Այս կրթուած եւ մարզուած ծաղիկ սաներուն մէջէն կը տեսնեմ` տառապեալ ցեղիս շողշողուն ապագան։ Ուրեմն, կը կրկնեմ, եկայ, տեսայ եւ յուսալից կը մեկնիմ։ Ապահ Տէօրթ Եօլ 16 Օգոստոս 1920 Չկարենալով այլեւս յետաձգել իր մեկնումը, Ապահ Երկուշաբթի, 16 Օգոստոսին փութով ճանապարհ կ’ելլէ դէպի Իսկէնտէրուն։ Հոն, մինչեւ յաջորդ շոգենաւին ժամանումը, ներկայացած առիթէն օգտուելով, կ’այցելէ` Պէյլանի մօտ գտնուող եւ իր նարինջներով համբաւեալ Սօվուք-Օլուգի ամառանոցը։ Չորեքշաբթի Օգոստոս 25ին, իտալական Լօյտ Թրիէսթինոյի «Քարլսպատ» շոգենաւով Իսկէնտէրունէն ճամբայ ելլելով, Երեքշաբթի Օգոստոս 31ին կը հասնի Աղեքսանդրիա ուրկէ յաջորդ օրն իսկ շոգեկառքով կը ժամանէ Գահիրէ։ Գահիրէէն իր բացակայութիւնը տեւած էր երեք ու կէս ամիս։ Այս դէպքերէն հազիւ տարի մը յետոյ, «ասպետական» Ֆրանսա, Ֆրանքլէն Պույօններու ջանքերուն շնորհիւ, Կիլիկիան կը յանձնէ թուրքերուն ու կը քաշուի Սուրիոյ Ամանոսեան սահմաններուն վրայ, Կիլիկիայէն պահելով միայն Ալեքսանտրէթի Սանճագը (Հոկտեմբեր 1921)։ Իսկ անկէ 17 տարի վերջ (Յուլիս 1938) այդ կարեւոր հողաշերտն ալ պիտի զոհէր թուրք ընչաքաղցութեան, տեղւոյն հայ բեկորները կրկին անգամ մատնելով խուճապի եւ անորոշութեան...։ ***
Ապահի Գահիրէ ժամանալէն վերջ, Ռամկավար կուսակցութեան տեղւոյն Ակումբը, Արարայի հերոսամարտի երկրորդ տարելիցին առթիւ, Սեպտեմբեր 18ի Շաբաթ գիշերը, իր սեփական սրահին մէջ հանդէս մը կը սարքէ, ու Կիլիկեան գոյամարտին շուրջ խօսելու կը հրաւիրէ զինքը։ Ապահ այդ առթիւ կը կարդայ իր պատրաստած ընդարձակ տեղեկագրութիւնը` կատարած առաքելութեան մասին, ճշգրիտ գոյներով տալով Կիլիկիոյ անցեալ 3-4 ամսուայ ընթացքին անցուցած ճգնաժամը մերթ ուրախառիթ եւ մերթ ալ ցաւառիթ։ Բացի ուրիշ աղբիւրներէ, այդ ընթացիկ տեղեկագրութենէն մե՛նք ալ կ’օգտուինք մասնաւորաբար այս Գլուխի պատրաստութեան համար, ինչպէս որ ատենին օգտուած է Լեւոն Աճէմեան, Ապահի մահուան առթիւ գրի առնելու համար իր Կիլիկեան յուշերը, ու զանոնք հրատարակելով նախապէս Արեւի
350
1928ի Մարտ-Մայիս թիւերուն մէջ։ Մենք տալով` Կիլիկեան վերջին անցքերու մէկ ամփոփ պատկերացումը, (դուրս ձգելով ի հարկէ կարգ մը ուրիշ մանրամասնութիւններ, որոնք Ապահի կեանքին հետ սերտօրէն կապ չունէին), չէինք յաւակնիր ընել քննական վերլուծում մը այդ դէպքերուն, ո՛չ ալ ճշդել բուն պատասխանատուները «Կիլիկեան հարց»ին տխուր վախճանին, հարց մը որուն ստեղծիչներէն մին եղած էր Ապահ, ամբողջ քառորդ դար, անոր տրամադրելով իր ժամանակը եւ իր քարոզչութիւնը։ Թո՛ղ պատմութիւնը ըստ այնմ դատախազը ըլլայ այդ թափուած ջանքերուն...։ ***
Ստորեւ կ’արտագրենք բովանդակութիւնը ա՛յն վկայագրերուն զորս տուած են Ապահի, ի վարձատրութիւն անոր Կիլիկեան վերջին անցքերուն մատուցած ծառայութեանց։ Ներկայիս կուգանք ծանուցանել թէ ընկ. Ապահ Պետրոսեան իր կարճատեւ ներկայութեամբը` Կիլիկիոյ մէջ, թանկագին ծառայութիւններ մատուցած է հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան գործին կատարումին մէջ։ Գլխաւորաբար իր ջանքերով հիմնուեցաւ հայկական ուժերու վերին հրամանատարութիւնը։ Այդ կազմակերպութեան մէջ կարեւոր աշխատանքներ ստանձնած եւ յաջողագոյն կերպով կատարած է իր պարտականութիւնը։ Իբր ծանօթ ազգային եւ կուսակցական գործիչ մը, կուսակցութեան ներքին զօրացման համար ալ ջանքեր թափած է։ Վերջին ստեղծուած Ազգային Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդին անդամակցեցաւ յանուն Ռամկավար կուսակցութեան, եւ այժմ այդ Մարմնի կողմէ կ’ուղարկուի` վերին աստիճան կենսական առաքելութիւնով մը։ Կիլիկիոյ հայ Ռամկավար կուսակցութեան բոլոր շրջանակները իրենց գնահատումն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնեն ընկ. Ապահին, եւ Շրջ. Վարչութիւնս յանուն Կիլիկիոյ Ռամկավարութեան, կը խնդրէ արտասահմանի բոլոր Ռամկավար Ակումբներէն եւ ընկերներէն, իրենց օժանդակութիւնը ընծայել իրեն` իր կարեւոր պաշտօնին կատարումին մէջ։ Ի դիմաց Շրջ. Վարչութեան Ատենադպիր Ատենապետ Ս. Կէպէնլեան (Ստորագրութիւն) Ա. Խանճեան Ատանա, 4 Յուլիս 1920 Հայ Ռամկավար կուսակցութեան Կիլիկիոյ Շրջ. Վարչութիւնը հպարտ կը զգայ ինքզինքը որ պատեհութիւնը կ’ունենայ այսօր անկեղծօրէն գնահատելու այն պատմական կարեւորագոյն դերը զոր կատարեցիք Ձեր Կիլիկիա ոտք կոխելէն ի վեր, եւ այսօր Ռամկավար խումբ մը կ’առաջնորդէք` պատմական գործ մը կատարելու` Կիլիկիոյ մէկ կարեւոր շրջանին մէջ։ Այդ արշաւախումբին Ձեր մասնակցութիւնը եւ արշաւանքի ճամբուն վրայէն Ձեր առաքելութիւնը, վարչութիւնս կ’արձանագրէ Կիլիկիոյ ռամկավարական պատմութեան էջերուն մէջ`
351
ամենագուրգուրոտ եւ ակնածալիր տողերով։ Վարչութիւնս, պատմական այս գեղեցիկ առիթով, յանուն Կիլիկիոյ բոլոր ընկերներուն, Ձեզմէ կը խնդրէ իր ընկերական ողջոյնները տանիլ արտասահմանի մեր բոլոր ռամկավար ընկերներուն։ Ի դիմաց Շրջ. Վարչութեան Ատենադպիր Ատենապետ Ս. Կէպէնլեան (Ստորագրութիւն) Ա. Խանճեան Ատանա, 20 Յուլիս 1920 Պէտք է խոստովանիմ թէ դժուարին պարագաներու տակ ստանձնեցի` Ատանայի հայկական ուժերու վերին հրամանատարութիւնը. պատճառներ որոնք պէտք չունիմ հոս յիշատակելու։ Ունեցած վարանումս սակայն շուտով փարատեցաւ, շնորհիւ Պ. Ապահ Պետրոսեանի ցոյց տուած անվրէպ ազնուութեան, ուղղամտութեան եւ անձնուրացութեան։ Ազգային հրատապ հարցերու մէջ իր բռնած պաղարիւն կեցուածքը եւ առողջ դատողութիւնը անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցին ինծի։ Երանի՜ թէ իր նման ուրիշներ ալ ունենայինք...։ Վերին հրամանատար Ատանայի Հայկական Ուժերու (Ստորագրութիւն) Ճան Շիշմանեան Ատանա, 7 Յուլիս 1920 (Անգլիերէն բնագրէն թարգմանուած) Կը հիանամ անկեղծ հայրենասիրութեանը ու սիրալիր վերաբերումին, եւ կը յարգեմ իր հասուն գաղափարները, գործնական միտքն ու կեանքի փորձառութիւնը` բարեկամիս Պ. Ապահ Պետրոսեանի, որ ճանչցայ զինք` համեմատաբար կարճատեւ շրջանի մը մէջ։ Տէօրթ Եօլի հայութեան արգահատելի եւ անկազմակերպ վիճակը, պէտքը կը զգացնէին հզօր բազուկներու։ Ահա՛ ինչ որ ըրաւ Պ. Պետրոսեան, հասնելով անոր եւ իր ձեռքին մէջ առնելով ընդհանուր ղեկավարութիւնը։ Ան հիանալի դեր մը խաղաց այս անկերպարան ժողովուրդի կազմակերպական աշխատանքին մէջ։ Տէօրթ Եօլի հայութիւնը շնորհապարտ կը զգայ` իր ընձեռած ծառայութեանց։ Տէօրթ Եօլի Հայկական Ուժերու վերին հրամանատար (Ստորագրութիւն) Յարութիւն Խաչատուրեան Տէօրթ Եօլ, 7 Օգոստոս 1920 (Անգլիերէն բնագրէն թարգմանուած)
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Միջանկեալ կերպով ըսենք որ, Ապահ իր Մերսին ժամանած օրն իսկ, հաճելի զուգադիպութեամբ մը ներկայ կը գտնուի` Պ. Յովնան Յովհաննէսեանի ընդ օր. Նուարդ Մահտեսեանի նշանախօսութեան, երկուքն ալ ուսուցչական ասպարէզին նուիրուած
352
բնիկ Զէյթունցիներ։ Այս հանդիսութեան մէջ Զէյթունի հինաւուրց առաքեալին ներկայութիւնը կը ստեղծէ ոգեւորիչ տպաւորութիւն, ուր խօսեցեալ զոյգին հայրենակիցներէն եւ պաշտօնակիցներէն Պ.Պ. Եդուարդ Ոսկերիչեան (ապա Տ. Մաշթոց քահանայ), Գրիգոր Գուտուլեան եւն սիրազեղ արտայայտութիւններ կ’ունենան օրուան հիւրին հանդէպ։ Ապա կրկին հանդիպում մը պիտի ունենար խօսեցեալ զոյգին, երկու ամիս յետոյ, Տէօրթ Եօլի Քէլէկեան որբանոցին մէջ...։ 2. Տես քիչ մը անդին։ 3. Տէօրթ Եօլցի թունդ հայրենասէր Խաչեր Գարաեաղուպեան վախճանեցաւ Պէյրութի մէջ, 16 Յունուար 1929ին։ 4. Տես Ս. Վրացեանի Հայաստանի Հանրապետութիւն, էջ 313-314)։ Տես նաեւ G. Gaillardի The Turks & Europe, էջ 302-303։ 5. Յովհաննէս Գարասարգիսեան վախճանեցաւ Իսկէնտէրունի մէջ` 25 Յունիս 1929ին։ 6. Սէվրի դաշնագիրը` ընդմէջ դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ, ստորագրուեցաւ` Գշ. 10 Օգոստոս 1920ին։ 7. Այս փրաքլամասիօնը պիտի ստորագրուէր Հինգշաբթի 12 Օգոստոս 1920ին, երբ արդէն կատարուած էր Սէվրի համաձայնութիւնը եւ նոյն օրն իսկ Ատանայէն կը հասնին ծանօթ խաղքութեան տխուր լուրերը...։
353
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԱՊԱՀԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԳՈՐԾԻՆ ՀԵՏ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ՇՈՒՐՋ 30 (ՀԱՅ ԹԷ ՕՏԱՐ) ԱՆՁԱՆՑ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱԿԻՐՃ ՆՕԹԵՐՈՒ
Ո
ԳՆԴԱՊԵՏ ԱԼԻ ՊԷՅ րդին էր Գէլ Հասան բաշայի (Տես Տէօվլէթ Ա. հատոր, էջ 27), որ կատարած քաջագործութեանց համար մեծ համբաւ հանած էր գիւղացւոց մէջ։ Ալի Պէյ 1895ին կը վերակազմէ Եայիճ Օղլուի բանակը եւ կը հաստատուի Սիսնէի աւերակներուն մէջ։ Ի վերջոյ, Զէյթունի վրայ արշաւող եւ Պոլսէն, Իզմիրէն, Գոնիայէն, Սեբաստիայէն, Կեսարիայէն, Ատանայէն եւ այլ վայրերէ` Անտրունի դաշտին մէջ կեդրոնացած թրքական արեւմտեան բանակի պետ կը նշանակուի։ Ալի Պէյ, ի վարձ` Զէյթունի դէմ իր տարած յաղթութեանց (?), ապստամբութենէն վերջ, մասնաւոր իրատէով բաշայութեան եւ ընդհանուր հրամանատարութեան աստիճանին կը բարձրացուի։ Ալի բաշա միւշիրութեան տիտղոսով կը փոխադրուի Հալէպ։ 1902ին, Բ. Դուռնէն ղրկուած գաղտնի հրահանգի մը համաձայն, թրքական զինուորներ կը կեդրոնացուին Զէյթունի մէջ։ Տեղւոյն Առաջնորդական փոխանորդը` Տ. Կարապետ Քհնյ. Երկայնեան, որ մտերիմ յարաբերութեան մէջ կը գտնուէր Ալի բաշայի հետ, երբ այս վերջինէն մտերմաբար կ’իմանայ` կառավարութեան ունեցած չար դիտաւորութիւնը, իսկոյն Մարաշ երթալով կը տեղեկացնէ` տեղւոյն ֆրանսական փոխ-հիւպատոսին։ Ազդու բողոքները կ’երթան առ որ անկ է, եւ Զէյթուն կեդրոնացնող թրքական ուժերը կը ցրուին...։ Համիտ վերահասու կ’ըլլայ` այդ դաւադրութեան ձախողման պատճառներուն եւ Ալի բաշան իր մօտ կը կանչէ։ Այս վերջինը այդ անելէն ազատուելու համար, կը թունաւորէ ինքզինք եւ կը մեռնի` 1903ի սկիզբները։
Տ. ԵԶՆԻԿ ԵՊՍ ԱՊԱՀՈՒՆԻ (ՆԻԿԱՆՈՎՐ ԻՒՍԼԻՒՔՃԵԱՆ) Ծնած է Պոլիս 1843ին։ Աշակերտ Նուպար Շահնազարեան վարժարանի եւ սան` Մալէզեան Յովսէփ Պատուելիի։ Մասնակցած թատերական Արտաւազդեան ընկերութեան եւ բեմ ելած։ Վարդապետ ձեռնադրուած 1868ին` Ներսէս 354
Պատրիարք Վարժապետեանէ։ Ռոտոսթոյի Առաջնորդական Տեղապահ` 187276։ Արաբկիրի Առաջնորդ 1878-91։ Կասկածանօք, Արաբկիրէն Պոլիս տարուած թէ՛ 1882-87 եւ թէ՛ 1890ին։ Պոլսոյ Պատրիարքարանի ջանքերով երկու անգամուն ալ վերադարձուած Արաբկիր (1887ին եւ 1891ին)։ Քաղաքական դէպքերու բերումով կը տարագրուի Երուսաղէմ (1891-95)։ Ներումով կը վերադառնայ Պոլիս` Իզմիրլեանէ կը կարգուի քարոզիչ Հասքէօյի։ Պանքայի դէպքին (Օգոստոս 1896), իր խուցը կը խուզարկուի եւ հրազէն մը գտնուելուն, մահուան կը դատապարտուի։ Օրմանեանի ժամանակ եղած ընդհանուր ներումէն օգտուելով, ազատ կ’արձակուի բանտէն եւ քարոզիչ կը կարգուի Գում-Գաբուի վարժարանին (միշտ ոստիկանական հսկողութեան տակ)։ Հոն կը վարէ` Պատրիարքարանի կրօնական ժողովոյ քարտուղարութիւնը եւս։ Ի վերջոյ ձանձրանալով այդ կեանքէն, կը մեկնի Եգիպտոս` 1906ի գարնան։ Ապա կ’անցնի Կովկաս եւ Խրիմեանէ կը կարգուի Ատրպատականի Առաջնորդ։ Առաջնորդեան պաշտօնով կը մեկնի Ամերիկա` 1907ին։ Յաջորդ տարին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով կը վերադառնայ Պոլիս։ Ի վերջոյ կաթուածահար ըլլալով, կը քաշուի գործօն կեանքէ։ Կը վախճանի Պոլիս, Եէտիգուլէի Ազգային Հիւանդանոցին մէջ, 25 Փետրուար 1913ին։ (Տես` Ամէնուն տարեցոյցը, 1914, էջ 392)։
ՄԵԹՐ ՅԱԿՈԲ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ (ԱՐԾՐՈՒՆԻ) Ծանօթ նաեւ Յակոբ Հիլմի Պիրէճիքլեան անունով։ Ծնած է 1867ին Պիրէճիք (Հալէպի նահանգ), իր ուսումը ստացած է Այնթապի կեդրոնական Թուրքիոյ Գօլէճին մէջ։ Վկայուած է Օսմանեան իրաւագիտական համալսարանէն, եւ երիտասարդ տարիքէն, իբրեւ փաստաբան եւ կառավարական պաշտօնեայ, կարեւոր դիրք մը ունեցած է Կիլիկիոյ մէջ։ Մասնակցած է ազգային յեղափոխական շարժումին իբրեւ Կիլիկեան շրջանի Հնչակեան գլխաւոր ղեկավարներէն մին, ու բանտին տաժանքները եւ պայքարի կեանքին դառնութիւնները ճանչցած է։ Հալէպի մէջ իբրեւ գրաքննիչ կառավարութեան գաղտնի հեռագիրներուն եւ դիտումներուն մասին տեղեկութիւններ քաղելով հաղորդած է յեղափոխականներուն։ Իր շնորհիւ, Հալէպի շրջանակէն կը հայթայթուի 200 ոսկի` Զէյթունի ապստամբութեան համար։ Իբրեւ օրէնսգէտ եւ մասօն մեծ ծառայութիւն մատուցած է նաեւ Սուէտիոյ ապստամբական շրջանին ձերբակալուած եւ Հալէպի բանտը մնացած Հնչակեաններու ազատագրման գործին։ Զէյթունի զօրանոցին գրաւման ժամանակ, Ասատուրեան Հալէպի բանտը կը մնար։ Աղասի եւ ընկերներ, գերեվարուած Գնդապետը ազատ չեն արձակեր, մինչեւ որ Ասատուրեան Հալէպի բանտէն չարձակուի։ 1896ի սկիզբը կրկին կը ձերբակալուի ու Մարաշի պատերազմական ատեանին կը ղրկուի։ Երբ Զէյթունի հաշտութեան պայմաններուն համաձայն, այդ 355
շարժման հետ կապ ու յարաբերութիւն ունեցող բոլոր հայոց ներում կը հռչակուի, Հալէպի կուսակալ Րայիֆ բաշա զինք կ’արտաքսէ երկրէն։ 1897ին Եգիպտոս հաստատուելով, Գահիրէի Խառն եւ Վերաքննիչ դատարաններու մէջ կը պաշտօնավարէ մեծ ձեռնհասութեամբ։ Վերջին անգամ, 1919ին, Եգիպտոսի ազգայնական ցոյցերու ժամանակ, կորովի կերպով կը միջնորդէ Ազհարի Գահերեցին մօտ` հայատեաց արարքներուն վերջ մը դնելու համար։ Կը վախճանի Գահիրէի մէջ, 1920ին։
ԱԼԻՔՍԱՆ ԱՐԶՈՒԵԱՆ (ՎԱՀԷ) Ծնած է Կեսարիոյ մէջ` 1874ին։ Աշակերտ Պոլսոյ Կեդրոնականի, Նանսի կ’երթայ` մեքենական նորահնար արօրներ շինող Տօմպալի գործարանը աշխատելու։ Յետոյ դարձած է Պոլիս։ 1894-95ի Հնչակեան յեղափոխական գործունէութեան մասնակցած է` Արփիարեանի, Արթիւր Օհանջանեանի, Տիրան Քէլէկեանի եւ այլ ղեկավարներու կողքին։ Արզուեան, Պապ Ալիի 1895ի ցոյցին մէջ կատարած է կարեւոր դեր մը եւ նոյն տարուան ընթացքին տեղի ունեցած Զէյթունի ապստամբութեան միջոցին, քաջարի ապստամբներուն նիւթական օգնութիւն հասցնելու համար, Պոլսոյ մէջ յանդուգն մասնակցութիւն մը ունեցած է ու յետոյ բանտարկուած։ Ազատ արձակուելէ վերջ, Պոլսոյ Հնչակեան Մասնաճիւղը իբր պատուիրակ կը ղրկէ զինք Լոնտոն` Ապահի եւ ընկերներուն հետ հաշիւ պահանջելու «Նազարբէկ կեդրոն»էն, որուն ուղարկուած կարեւոր գումարներուն Զէյթուն չհասցուած, ինչպէս եւ այլ պատճառներու համար` Պոլսոյ Հնչակեան շարքերուն մէջ մեծ դժգոհութիւն յառաջ եկած էր։ 1898ին Ամերիկա կը մեկնի, ու կը կազմակերպէ տեղւոյն Հնչակեան Մասնաճիւղը։ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնուելէն քիչ յետոյ, Արզուեան ծածկաբար Պոլիս կը մտնէ` կազմակերպական աշխատանք մը կատարելու համար, եւ ատեն մը հոն մնալէ վերջ, կը յաջողի փախչիլ ու դառնալ Փարիզ։ Դարձէն յետոյ, իր քանի մը ընկերներուն հետ, Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութենէն անկախաբար կ’ուզէ փորձ մը կատարել յանուն «հայ յեղափոխական կեդրոնական քոմիթէ»ի մը, որ իրապէս փոքր խմբակի մը տրուած խոշոր անուն մըն էր, Սուլթան Համիտի հետ ուղղակի բանակցութեամբ մը զայն ստիպելու որ որոշ զիջումներ ընէր հայ ժողովուրդին։ 1902ին Արզուեան Արփիարի հաւանութեամբ, կրկին անգամ գաղտնի կը մտնէ Պոլիս, Սուլթան Համիտը սպաննելու համար։ Մէկ շաբաթ յետոյ լրտեսներ կը մատնեն զինք. ան կը ձերբակալուի ու քանի մը ամիս կը բանտարկուի։ Բաւական դժուարութիւններէ ու միջազգային բարձր շրջանակներէ կատարուած դիմումներու շնորհիւ ազատ կ’արձակուի ու կը դառնայ Փարիզ։ Արփիարեանի վարչական ապիկարութեան դէմ դժգոհութիւնը Արզուեանին հետ եւ անոր չափ կ’ունենան` Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան բազմաթիւ անդամներ, 356
մասնաւորաբար Ամերիկայի մէջ։ Ատոնք Արզուեանը կը կանչեն իրենց մօտ։ Արզուեան կը փութայ պատասխանել անոնց կոչին ու կ’երթայ Ամերիկա։ Հո՛ն, ողբ. Գարեգին Չիթճեանի հետ կը շրջի կուսակցութեան մասնաճիւղերը, կը վերակազմէ զանոնք, եւ ի Լին գումարուած պատգամաւորական ժողովին մէջ կ’որոշուի հեռացնել Արփիարեանը կեդրոնական վարչութենէն, եւ այդ որոշման գործադրութիւնը կը յանձնուի Արզուեանին եւ Սուրէն Սուրէնեանին, որ միասին կ’երթան Լոնտոն եւ կը գործադրեն պատգամաւորականի որոշումները։ 1907ին Արզուեան ծանրօրէն կը հիւանդանայ Փարիզի մէջ։ Թոքախտի բռնուելով կ’ուղեւորի Ալճերիա. քիչ յետոյ կրկին կը վերադառնայ Ֆրանսա, վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուելու համար։ Ի վերջոյ կ’անցնի Ամերիկա ուր կը զբաղի գորգի առեւտուրով։ Այդ գործին կը ձեռնարկէ նախ շատ համեստ ձեւով, իբր ամբողջ դրամագլուխ ունենալով 15,000 ֆրանքի գումար մը զոր իր մտերիմ բարեկամ Տօքթ. Յ. Արթինեան իրեն փոխ կուտայ։ Քանի մը տարի յետոյ, մեծ փորձառութիւն վաստկելով այդ գործին մէջ, փոխ առած գումարը կը վերադարձնէ իր բարեկամին, եւ հետզհետէ կը յաջողի իրեն համար փայլուն ապագայ մը շինել։ 1915ին Արզուեան կ’երթայ Լոնտոն ուր դարձեալ Կիլիկեան ապստամբութեան ծրագրին համար բազմիցս տեսակցութիւններ կ’ունենայ` անգլիական թէ ֆրանսական քաղաքական բարձր շրջանակներու հետ։ Յարութիւն Մոստիչեանի եւ Չօպանեանի շնորհիւ դիմումներ կը կատարէ` Լօրտ Պրայսի, Վիգթոր Պէռարի, Տէլքասէի, Փօլ Քամպօնի եւ այլոց մօտ։ Իր կրած յուսախաբութիւններէն ու վիշտերէն դառնացած միանգամ ընդ միշտ կը քաշուի կուսակցական ու հանրային գործունէութենէ։ Կը վախճանի 1935ի Մարտին։ Իր մահէն առաջ կտակագիր մը կը պատրաստէ` Հայաստանի մէջ որոշ նպատակով հիմնարկութեան մը համար։ Յետոյ այդ կտակը ետ կ’առնէ` քանի մը փոփոխութիւններ ընելու համար հոն, մահը վրայ կը հասնի։ Իր այրին եւ դուստրը, անոր այդ յայտնած փափաքին ծանօթանալէ յետոյ, կ’որոշեն 15,000 տոլար նուիրել` Արզուեանի անունով Խորհրդային Հայաստանի մէջ հիմնարկութեան մը ստեղծման յատկացուելու համար։ Արտակարգ տիպար մըն էր Արզուեան։ Ունէր երկաթէ նկարագիր, թէեւ կրքոտ ու ջղային։ Ան չհասաւ լիակատար իրականացմանը իր իտէալին, որ էր` Ապահի մտածելակերպին նման յանդուգն ու նուիրուած ընկերներու խումբի մը հետ մտնել երկիր, պատրաստուած ապստամբութեան մը գլուխն անցնիլ եւ կրկնել հրաշքը զոր ատենով գործեցին Ռուբէնները, Լեւոնները, Թորոսները` Կիլիկեան լեռներուն վրայ։ Ան կը մեռնի իր ժողովուրդէն հեռու, անձնական կեանքի մէջ ամփոփուած, հանրային գործունէութենէ շատոնց քաշուած, քիչերէ ճանչցուած իր բուն դէմքով, շատերէ ծանրօրէն ամբաստանուած (իբրեւ դաւադիր` Արփիարի եւ անոր նման ուրիշ եղբայրասպան գնդակի զոհերու), իր ետեւ
357
ձգելով վիժած մեծ գործի մը տխուր յիշատակը։ Եւ արդէն մեր ամբողջ թրքահայ ազատագրական գործը ի՞նչ ունի արձանագրած, եթէ ոչ դիւցազներգական սքանչելի արարքներ` փոքրաթիւ խումբի մը կողմէ կատարուած, զանգուածային անպատրաստութիւնը, կրաւորականութիւնը, հաւատքի ու խանդավառութեան պակասը, հարուստներու թերահաւատութիւնը եւ ցրտութիւնը` ազատագրական պայքարի հերոսական ձեւին հանդէպ, եւ ընդհանուր արդիւնք` ձախողութիւն, աղէտ, պարտութիւն...։
ԳԱՅՓԱՔ, ՂԱՅՓԱԽ ԿԱՄ ԽԱՅՓԱԽ (ՍԱՀՈՒՆԻ) Հայ յեղափոխական պատմութեան մէջ ծանօթ է իր ասպատակային անունով։ Ծնած է Սուէտիոյ գիւղերէն` Եօղուն-Օլուքի մէջ, 1845ին։ Փոքր տարիքէն իր ապրուստը ասպատակութեամբ ճարողներէն եղած է։ Ազգ, կրօնք, հաւատք իրեն համար անծանօթ բառեր էին։ Երկայնահասակ, նիհար, ջղուտ կազմուածքի ու շանթահարիչ արտայայտութիւն մը ունէր ան։ Իր մասին ամէնքն ալ երկիւղով կը խօսէին։ Իր անունը յառաջ եկած է հետեւեալ դէպքէն։ Օր մը, գողութեան համար ձերբակալուելով, ոստիկանական հսկողութեամբ Անտիոք փոխադրուելու ատեն, Օրոնդոս գետին քովն ի վեր քալած ժամանակը, ոստիկաններէն կը խնդրէ իրեն թոյլտուութիւն մը ընել կարեւոր գործի մը համար։ Ձեռքերը կապուած, իր պահանջը կը կատարուի ոստիկանին օգնութեամբը, ու քիչ մը դէպի գետը երթալով ջուրին մէջ կը ցատկէ. թէեւ ձեռքերը կապուած, բայց ոտքերովը միայն լող տալով, կը յաջողի գետին միւս կողմը անցնիլ. ոստիկանները ապշահար ետեւէն կը նային, «խայբթի, խայբթի» պոռալով. ատկէ անունը` Խայբթի կամ Խայփախ կը մնայ։ Եւ անկէ վերջ շատ անգամներ ձերբակալուած եւ ազատուած է, մինչեւ ա՛յն օրը երբ Աղասիին ու Ապահին հանդիպելով, կ’ուխտէ մինչեւ իր ծերութիւն ազգին նուիրուիլ։ Եւ այդ ուխտը այնքան քաջաբար եւ հաւատարմաբար կը կատարէ, որ քսան մարդիկ պիտի չկրնային իրեն ըրած գործը կատարել։ Երկու տարիէն աւելի (Զէյթունի Ապստամբութենէն առաջ եւ անոր միջոցին), սուրհանդակի դժուարին ու վտանգաւոր պաշտօնը կը ստանձնէ Կիլիկիոյ կողմերը, առանց թուղթի կտոր կորսնցնելու կամ թուրք կառավարութեան ձեռքը անցընել տալու։ Հայ ազատագրական պայքարի եւ յեղափոխութեան յառաջ բերած խիզախ դէմքերէն մի՛ն է անմահն Գայփաք։
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ս. ԳՈՒՐԵԱՆ Ծնած Ադրիանուպոլիս (Էտիրնէ) 1873 Հոկտեմբերին։ Իր նախակրթութիւնը ստացած է Պարտիզակի մէջ։ 1901ին Լոնտոնէն վկայուած է որպէս մեքենագէտերկրաչափ։ 1905ին կը հաստատուի Գահիրէ, մտնելով Պետական Երկաթուղւոյ վարչութեան մէջ իբր գծագրիչ-երկրաչափ։ Անդամակցած է Սահմանադիր Ռամ358
կավար կուսակցութեան, եւ 1917ին, Ապահի հետ յանուն այդ կազմակերպութեան, մասնակցած Եգիպտահայ Ազգային Միութեան։ 1920ին, Ռամկավար կուսակցութեան կողմէ բանագնաց նշանակուելով, ուղեւորած է Երեւան։ Հմուտ` հայերէնի, անգլիերէնի, թրքերէնի եւն, հիւթեղ ուսումնասիրութիւններով աշխատակցած է արտասահմանի շատ մը հայերէն թերթերու եւ հանդէսներու, «Վանական» եւ այլ ծածկանուններով, մասնաւորապէս Եգիպտոսի Արեւին, Ամերիկայի Կոչնակին, Պայքարին եւն, քաղաքական, տնտեսագիտական, պատմական, կրօնական եւ այլ հարցերու շուրջ։ Գուրեան եղած է Ապահի համար ո՛չ միայն պաշտօնակից մը, այլ եւ մտերիմ մը, խորհրդական մը, նոյնիսկ նախնական կարճ շրջանի մը համար ալ թուագիտութեան ուսուցիչ մը, որ չէ զլացած իր աշխատակցութեան բաժինը բերել ամէ՛ն անգամ որ Ապահ, ազգային թէ այլ խնդիրներու համար պէտք զգացած է իր աջակցութեան։
ՄԻՒՇԻՐ (ՄԱՐԱՋԱԽՏ) ԷԹՀԷՄ ԲԱՇԱ Արժանաւոր յաջորդն ու հայրենակիցը` չէրքէզ Ֆէրիգ Մուսթաֆա Րէմզի բաշային, որ իր նախորդէն աւելի բան մը չի կրցաւ ընել` Զէյթունը նուաճելու համար։ Այս խորամանկ ու մոլեռանդ զօրավարը, որ տարի մը վերջ ծունկի պիտի բերէր Ելլադան (Կրէտէի ապստամբութեան միջոցին), 1895ի վերջին օրերուն, Իսկէնտէրունէն Զէյթուն կ’անցնէր, ո՛չ թէ արի լեռնականներուն արծուեբոյնը քանդելու, այլ իր հրամանին տակ գտնուող 110,000 զինուորներու չարաչար պարտութեան դատավճիռը ստորագրելու...։ 1896ի կիսուն կը պայթի Կրէտէի Ապստամբութիւնը (13րդը 1830էն ի վեր), գլխաւորութեամբ` Կրէտացի փաստաբան Էլէֆթէրիոս (Ազատարար) Վենեզելոսի (1864 - 18.4.1936 † Բարիզ), իր ձեռքին տակ ունենալով` ի մէջ այլոց ապագայ զօրավար Գօնտիլիսը։ Էթհէմ բաշա Զէյթունէն կ’ուղեւորի Կրէտէ` շարժումը զսպելու համար։ Արդարեւ, շնորհիւ այդ շարժման եւ պետութեանց միջամտութեան, Կրէտէ կը դառնայ ինքնավար կղզի մը, իր սեփական մարզպանով, Բ. Դռան հովանաւորութեան տակ եւ զերծ տուրքերէ։ 1897 Ապրիլ 18ին, Թուրքիա պատերազմ կը հռչակէ Յունաստանի դէմ, որ կ’ուզէր իրեն միացնել Կրէտէն։ Էթհէմ բաշա՛ն է որ կը վարէ դարձեալ թրքական բանակներու հրամանատարութիւնը։ Յունաստան կը պարտուի, եւ նոյն տարւոյ Նոյեմբեր 8ին կը կնքուի հելլէնօթուրք դաշինքը Պոլսոյ մէջ։ Այդ դաշինքով Յունաստան յանձն կ’առնէր Թուրքիոյ վճարել 100 միլիոն ֆրանքի տուգանք մը։ Մարաջախտ Էթհէմ բաշա եղած է նաեւ ծերակուտական Օսմանեան Խորհրդարանին։ 1909 Մարտ 31ին, երբ թրքական ազատարար շարժման բանակը կառավարութեան դէմ ըմբոստանալով, յաղթական մուտք կը գործէր Պոլիս` Սուլթան Համիտի գահընկեցութիւնը պահանջելու համար, Էթհէմ բաշա սպարապետ 359
կ’անուանուի այդ օր։ Ի՛նքն է որ կարելին կ’ընէ` զինուորներու ըմբոստութիւնը զսպելու եւ մայրաքաղաքը անդորր պահելու` մինչեւ Ազատարար բանակին հասնիլը։ Կը վախճանի 1910ին։
ՏՕՔԹ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԽՕՐԱՍԱՆՃԵԱՆ (1853-1903) (Տես Կավռօշ տարեցոյց 1931, էջ 12)
ՆՇԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (ՌՈՒԲԷՆ ԽԱՆ ԱԶԱՏ) Ծնած է 17 Փետրուար 1862ին Երեւան։ Իր կրթութիւնը ստացած է Եւրոպայի մէջ։ Եղած է Հնչակեան Յեղափոխական կուսակցութեան հիմնադիրներէն եւ Հնչակի ու Հնչակեան Կուսակցութեան գործունէութեան արշալոյսին (1887-88) ամէնէն գործօն դէմքերէն մին։ Հնչակի հրատարակութեան առաջին տարին հազիւ բոլորած, Խան Ազատ Եւրոպայէն անցած է Թուրքիա եւ պահ մը երեւցած է Տրապիզոն, ուսուցչութեան պատրուակին տակ կազմակերպելով տեղւոյն Հնչակեան անդրանիկ մասնաճիւղը, իր շուրջը հաւաքելով` Հմայեակ Խուշպուլեանի, Պետրոս Մարիմեանի նման մտաւորականներ։ Այս մասնաճիւղը կը գործէ իբր անդրանիկ կեդրոն եւ քիչ ատենէն կը յաջողի կազմել Պոլսոյ, Կարինի, Թիֆլիսի, եւն մասնաճիւղերը։ Մէկ տարուան մէջ գործը կը գտնէ ծաւալ։ Կը կազմակերպէ Պոլսոյ Գում Գաբուի ցոյցը, յետոյ կ’անցնի Եւրոպա եւ անկէ Ամերիկա։ Հո՛ն է որ կը հանդիպի եւ կը գործակցի Ապահի հետ։ Խան Ազատ, 1890-1900ի տասնամեակին, բեղուն գործունէութիւն մը կ’ունենայ Հնչակեան Կուսակցութեան մէջ։ 1900էն յետոյ ինքզինք կը նուիրէ գրական աշխատութեանց։ Բազմաթիւ գրութիւններ ունի Կովկասեան պարբերականներու մէջ, ինչպէս նաեւ տպագրեալ տետրակներ։ 1904էն ի վեր քաշուած կ’ապրէր Թաւրիզ. թարգմանած է Կաուցկիի Կոլոնիական քաղաքականութիւնը անցեալում եւ ներկայում (1904) եւ տպած է գրքոյկ մը Իդէալիզմ եւ մատերիալիզմ (1904) խորագրով, ինչպէս նաեւ ուրիշներ։ Իր գլուխ գործոցն է` ընդհանուր պատերազմէն առաջ հրատարակած` Ընդհանուր պատմութիւն հատորը։ 1922ին, իր կնոջ Շուշանիկի հետ հիմնած է Թաւրիզի մէջ «Գրական Գեղարուեստական Սալօն» մը եւ «Մանկանց պարտէզ» մը յանուն Ղազարոս Աղայեանի որ ցարդ կը շարունակուի։ Իր Հայ յեղափոխականի յուշերիցը հրատարակուեցան` Ամերիկայի Հայրենիք ամսագրին մէջ, 1928ին։ Վախճանեցաւ Թաւրիզի մէջ, 1930ի սկիզբը։
ԳԱԲՐԻԷԼ ԿԱՖԵԱՆՑ (ՇՄԱՒՈՆ ՅՈՎՀԱՆԵԱՆ) Ծնած Շուշի (Կովկաս)` 1865ին։ Եղբայր` Տփղիսաբնակ յայտնի Յովհանեան վաճառականներու։ Պզտիկ տարիքէն, իր ծննդավայրի ազգային նախակրթարանը յաճախելէն վերջ, կ’անցնի Եւրոպա իր ուսումը շարունակելու համար։ 1887 360
Օգոստոսին, ռուսահայ` Աւետիս Նազարբէկի, Օր. Մարօ Վարդանեանի (յետագային Տիկ. Ա. Նազարբէկ), Ռուբէն Խան Ազատի, Ղարաչեանի, Մանուէլեանի եւ Աֆրիկեանի հետ, հիմնադիրներէն կ’ըլլայ Հնչակեան յեղափոխական կուսակցութեան` ի Ժընէվ։ Յետոյ կ’անցնի Պոլիս, ուրտեղ կը կազմակերպէ` Հնչակեան Կուսակցութեան 1890 Յուլիս 15ի Գում-Գաբուի անդրանիկ ցոյցը։ Յիշեալ ցոյցէն քանի մը օր առաջ, Պոլսէն կը փախչի Անատօլուի խորերը։ Սամսոնի ճամբով կ’երթայ նախ Սեբաստիա, ուսուցչական պաշտօնով, հոն չի կրնար համաձայնիլ, եւ կ’ուղեւորի Խարբերդ։ Դեռ Խարբերդ չի հասած, նոյն տարւոյ Հոկտեմբերին, Արաբկիրի Կեդրոնական ուսումնարանի տեսչութեան կը հրաւիրուի։ Ամբողջ ինը ամիս հոն կը պաշտօնավարէ իրեն աշակերտ ունենալով նաեւ Ապահը։ Հազիւ դպրոցական տարին վերջացած, իր յանդուգն գործունէութեան պատճառով կը հետապնդուի, կը ստիպուի թողուլ Արաբկիրը ու երթալ Տէրսիմ։ Հոն մատնուելով, կը ձերբակալուի ու կը տարուի Խարբերդ։ Խարբերդի բանտին մէջ երկու ամիս ու կէս մնալէ յետոյ, կը փոխադրուի Պոլիս։ Ճամբան, Սեբաստիոյ մօտ փախուստ կուտայ ու կ’երթայ Սամսոն` 1892 Յունուարին։ Երկու ամիսի չափ հոն պահուելէ վերջ, կ’անցնի Մարզուան, եւ ամբողջ տարի մը հոն կը գործէ։ 1893 Ապրիլին, Սամսոնի ու Պոլսոյ վրայով կ’երթայ Աթէնք, ուր Հնչակեան Կեդրոնը նոր փոխադրուած էր Լոնտոնէն, Ռուբէն Խան Ազատ եւս հոն էր այդ օրերուն։ Շմաւոն Աթէնք կ’երթար` իր նշանածի (Օր. Նինա Քանանեան) հետ ամուսնանալու եւ նորէն իր գործունէութեան վայրը վերադառնալու պայմանով։ Ամիս ու կէս վերջ, անհամաձայնութիւն կը ծագի` Շմաւոնի եւ Տիկ. Նազարբէկի միջեւ։ Այս դէպքէն անմիջապէս յետոյ, Շմաւոն եւ օր. Քանանեան կը թողուն Աթէնք եւ կ’երթան Եւրոպայի ուրիշ կողմերը։ Քանի մը ամիս շրջելէ եւ ամուսնանալէ վերջ, Շմաւոն, ըստ իր խոստման, առանձին կը վերադառնայ Մարզուան։ Այս անգամ երկար գործունէութիւն չունենար հոն, ու 1893 Դեկտեմբերին ձերբակալուելով կը տարուի Պոլիս, եւ իբր ռուսահպատակ կը յանձնուի ռուսական դեսպանին։ 1894 Յունուարին, Շմաւոն Պոլիսէն կը տանին Օտեսա եւ այնտեղէն ալ կ’աքսորեն զինքը` Ռուսաստանի Վալոգդա հիւսիսային մէկ նահանգը, հինգ տարուան համար։ 1900էն մինչեւ 1930 մեկուսացած կեանք մը կ’ապրի Շմաւոն։ Այս հին եւ մեծ յեղափոխականը (ծանօթ նաեւ Բրօֆ. Գաբրիէլեան ծածկանունով), որ արտասահմանէն Հայաստան մտնելով իր գլխաւոր նպատակը եղած էր` յուզել, խառնել, ու մանաւանդ աղմուկ հանել, կը վախճանի 1930 թուի Մարտին Թիֆլիսի մէջ, ականատես ըլլալէ յետոյ` ազատագրական պայքարներու վերջին փուլերուն, համաշխարհային պատերազմին, Հայաստանի անկախութեան մարտնչումներուն եւ ի վերջոյ անոր խորհրդայնացման։
361
ԳԱՐԵԳԻՆ Մ. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ Ծնած է Մալաթիա` 1865 Դեկտեմբեր 5ին։ Զաւակն էր Վեր. Մարտիրոս Կիրակոսեանի։ Իր նախնական կրթութիւնը տեղւոյն ազգային վարժարանը ստանալով, 1880ին կը մտնէ Խարբերդի Եփրատ Գոլէճը, զոր կ’աւարտէ 1886ին։ Մէկ տարի իր ծննդավայրին` Մալաթիոյ մէջ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարելէ վերջ, 1887ին կ’անցնի Արաբկիր` տեղւոյն Ս. Թարգմանչաց Բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ ուսուցչի պաշտօն ստանձնելով։ Հո՛ն է որ իրեն իբր աշակերտ կ’ունենայ նաեւ Ապահը։ Երկու տարեշրջան բոլորելէ վերջ, 1890ին կը հրաժարի իր պաշտօնէն, եւ յեղափոխական խմորումներու պատճառով, ինքզինք անապահով զգալով, միանգամ ընդ միշտ կը թողու Արաբկիրը ու կ’անցնի Ամերիկա։ Հոն կը մտնէ Օպըրն Աստուածաբանական ճեմարանը։ Թուրքիոյ խռովեալ վիճակը եւ հայութեան սպառնացող վտանգներրը կ’արգիլեն զինք հայրենիք վերադառնալէ, ուր կը յուսար իր ծերունազարդ հօր կեանքի գործը շարունակել։ Ամերիկայի մէջ, իր առեւտրական ընդարձակ յարաբերութիւններու շնորհիւ կարող կ’ըլլայ բազմաթիւ ամերիկացիներու եւ հայանպաստ կազմակերպութիւններու համակրանքը շահիլ` հալածուող եւ կոտորածներէն վերապրող դժբաղդ հայոց հանդէպ։ Երկար տարիներ կը բնակի Գալիֆորնիոյ մէջ, ուր կ’ըլլայ Հ.Բ.Ը.Միութեան պատւոյ անդամներէն մին։ Կ’անդամակցի Ամերիկայի Համազգային Միութեան, Ազգային Պաշտպանութեան Գօմիթէի եւ ի վերջոյ Ազգային Միութեան։ Կը վախճանի Գալիֆորնիա, 13 Յունուար 1936ին։
ԺԻՐԱՅՐ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ Ծնած է Արաբկիր` 1870ին։ Կանուխէն, իր խառնուածքին բերումով, նուիրւած է ասպատակային գործին։ 90ական թուականներուն անցած է Կիպրոս ու վարած ոստիկանական պաշտօններ։ Ժիրայրի եւ այլոց ջանքերուն շնորհի՛ւ է որ Ապահ յաջողած է Կիպրոսի մէջ ձեռք բերել անգլիացի զինուորներու համազգեստներ, զէնքեր եւն։ Յետոյ գացած է Սուէտիա։ Զէյթունի ապստամբութենէն վերջ կ’անցնի արտասահման։ Կը շրջի զանազան երկիրներ իբրեւ հնավաճառ եւ գորգավաճառ, տեսած է Չինն ու Հնդիկը, Ճաբոնը եւ Պարսիկը։ Գնած է Խարպինի մէջ եւ ծախած է Բարիզ ու Լոնտոն։ Ներկայիս իր բնակութիւնը հաստատած է Պոսթոնի մէջ։ Տեղւոյն Պօյլսթօն փողոցի վրայ իր ունեցած խանութը արեւելքի ճամբայ մըն է, ուրկէ կուգան անցնիլ թանկարժէք իրերու սիրահարները։ Կաղնիի նման պարթեւ հասակը, վեհերոտ ու պատկառազդու, իր թաւ յօնքերով ու պեխերով շրջանակուած ու տարիներէ ակօսուած (հայր) Կիւրեղեանի դէմքը, տակաւին կը պահէ` հին, փոթորկալից օրերու յատուկ անվեհերութիւնը, եւ հերոսական շրջանի վեթերանի մը յիշատակները ունի ծրարած իր սրտին խորը...։
362
ՌՈՒԲԷՆ ՀԵՐԵԱՆ Ծնած է Եւդոկիա` 1868ին։ Կանուխէն հաստատուած է Ամերիկա։ 1916ին, անգլիական կառավարութեան ի հաշիւ, շատ կարեւոր ու փափուկ պաշտօնով մը կը մեկնի Ամերիկայէն։ Իր ստանձնած պաշտօնը կատարելէ յետոյ կը վերադառնայ Ամերիկա եւ կը սկսի զբաղիլ Հայկական Լէգէոնի կազմութեամբ։ Կամաւորներու հետ ի՛նքն ալ կը մեկնի Ամերիկայէն եւ կ’ուղեւորի Սուրիա։ Իբր կամաւոր ու կազմակերպիչ, իր դերը աչքառու կ’ըլլայ Լէգէոնականներու մէջ։ Պատերազմէն յետոյ կ’ուղեւորի Տէր Զօրի անապատները, եւ ինքզինք կը նուիրէ որբահաւաքութեան։ Իր այս յոյժ գնահատելի ծառայութեան համար, կ’արժանանայ` «Որբերու հայրիկ», «Որբախոյզ Հերեան» տիտղոսներուն։ Տէր Զօրի արաբներուն մէջ ծագած խռովութիւն մը արգելք կ’ըլլայ իր գործին շարունակութեան, եւ ինք հազիւ մահուընէ ազատած, կ’անցնի Կիլիկիա, կը կազմակերպէ Ռամկավար կամաւորական խումբերը, գործակցելով Ապահի, Տամատեանի, Աճէմեանի, Ախիկեանի, Մլեհի եւ այլոց հետ։ Կարեւոր պաշտօնով կը մեկնի Իզմիր, Պոլիս, Եգիպտոս, Բարիզ, եւ ապա Ամերիկա, ուր իր նախաձեռնութեամբ կը շարունակէ որբանպաստ հանգանակութիւնը, որմէ յետոյ կը յուսար կրկին մտնել Արաբիոյ խորերը։ Վերջին անգամ, Ամերիկայէն կը մեկնի Գահիրէ, ուր կը սպասէր իր խօսեցեալը, Օր. Զապէլ Սէլեան, բայց դժբաղդաբար հոն հասնելէ քանի մը օր յետոյ, սրտի հիւանդութեամբ իր մահկանացուն կը կնքէ ֆրանսական հիւանդանոցին մէջ` 7 Յուլիս 1921ին, ու կը թաղուի Մարմինայի Ազգային Գերեզմանատունը, Եկարեանի եւ Ապահի հողակոյտներուն միջեւ։
ՀՐԱՉԵԱՅ-ՄԱՐԱԼ (ԳՐԻԳՈՐ ՂԱՐԻՊԵԱՆ) Ծնած է Շապին-Գարահիսար` 1873ին։ Իր նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ազգային վարժարանը, ուրկէ իբր նորագիր Հնչակեան, կանուխէն տէրօրիստական գործերով վտանգուած ըլլալով, կ’անցնի Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնը` Լոնտոն։ Մինչեւ 1895ի գարունը, Հնչակի տպարանին մէջ կը զբաղի գրաշարութեամբ։ Նոյն տարւոյ Յունիսին, ծպտուած կը մտնէ Կիլիկիա` Իսկէնտէրունի ծոցէն, Հնչակեան Կեդրոնէն իր հետ տանելով 650 ոսկի, որը սակայն, ձախլիկ կարգադրութեան մը պատճառով թուրք կառավարութեան ձեռք կ’անցնի ամբողջ դրամը։ Յետոյ մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի ապաստանիլ Սուէտիոյ լեռներուն մէջ, միանալով` Ապահի եւ Աղասիի հրամանին տակ գտնուող Հնչակեան յեղափոխական խումբին։ Ինք բարձրահասակ ու քաջակազմ երիտասարդ, մտաւորապէս զարգացած, իբրեւ անվախ պատերազմիկ, Զէյթունի ապստամբութեան ամբողջ տեւողութեան, Ապահի, Աղասիի, Մլեհի եւ այլոց հետ կը մասնակցի գրեթէ բոլոր կռիւներուն եւ կարեւոր դերեր կը ստանձնէ։ 363
Ապստամբութենէն վերջն ալ, վերոյիշեալներուն հետ, Զէյթունէն կ’անցնի Լոնտոն։ Հնչակեան պառակտման ժամանակ, Պ. Մարիմեանի, Հմ. Խուզպուլեանի, Յ. Շէքէրճեանի եւ այլոց հետ, կը յարի Նազարբէկեաններու Հնչակեան հատուածին, ատեն մը եւս զբաղելով Հնչակի հրատարակութեամբ։ 1896ի վերջերը, քանի մը ամսուան համար կը մեկնի Ամերիկա։ 1897ին կ’անցնի Կովկաս, այնտեղի հարուստներէն բարերարներ գտնելու եւ Անգլիա վերադառնալով իր ուսումը շարունակելու համար։ Հոն կը հանդիպի Ռուբէն Խան-Ազատի, Գրիգոր Վարդանեանի եւ ուրիշներու, իր նպատակը կը փոխէ եւ ատեն մը եւս կը նուիրուի Հնչակեան բրօբականտի գործին։ Իր ջանքերով, Ռոստովի (Նոր Նախիջեւան) մէջ կը գումարուի Հնչակեան Կուսակցութեան Բ. Պատգամաւորական ժողովը։ Ան կը շրջի Կովկասի հայաշատ կեդրոնները, իբրեւ մասնակից Զէյթունի ապստամբութեան, փքուռոյց ճառերով կ’ուզէ հաւտացնել թէ ի՛նք եղած է այդ շարժման կարողագոյն ուժը, զայն պատրաստողը, ղեկավարողը, Զէյթունի միջնաբերդը գրաւողը, եւրոպական հիւպատոսներու հետ բանակցողը, հաշտութեան պայմանները մշակողը եւ ստորագրողը, եւն, եւն։ Իր ինքնամոլութեամբ կ’ուզէ նսեմացնել Ապահի, Աղասիի եւ բոլոր միւս ընկերներու կատարած դերերը, զի այս վերջինները, Հնչակեան պառակտման ժամանակ, Նազարբէկեաններու ընդդիմադիր հատուածին կը պատկանին։ Կովկասի Հնչակեան շարքերը խանդավառուած իր ուռուցիկ ոճիրէն, Պաքուի մէջ սուր մը կը նուիրեն իրեն։ Այնուհետեւ կը վերադառնայ Լոնտոն, սակայն Նազարբէկ` ընտանեկան տխուր միջադէպերու բերմամբ հեռացած ըլլալով Հնչակեան կեդրոնէն, ինք ալ կը ստիպուի միանգամընդմիշտ քաշուիլ Կովկաս, ու Ռոստովի մէջ, օտար մեծագումար դրամագլուխով, հիմնել բաժնետիրական ընկերութիւն մը` հանքային-առեւտրական գործերով զբաղելու համար։ Հրաչեայ իր թղթակցութիւնները եւ յուշերը հրատարակած է Հնչակի մէջ։ Ունի նաեւ Լեռնորդիները կամ Զէյթուն անուն երկասիրութիւն մը Զէյթունի մասին, լոյս տեսած 1898ին` Հնչակի տպարանէն։ Կը վախճանի 1922ին։
ԿԱՐԱՊԵՏ ՂԸՐ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ (ՋԷԼԼԱԴ) Ծնած է Կոկիսոնի գիւղերէն` Թաշօլուգի մէջ, 1873ին։ Բարձրահասակ, յաղթանդամ, արծուի քիթով լեռնցի կտրիճ մըն էր։ 1890էն ի վեր փախստական էր, եւ տաճիկ Չօլլօի (Ավշար Իսմայէլի) բոլոր գործունէութեանը մասնակից եղած։ Մեծ հռչակ հանած է քաջագործութեան մէջ։ Ղար Օղլան անուան տակ, թուրքերը նախանձելով իր համբաւին, կ’ուզեն զինք սպաննել։ 1894 Նոյեմբերին, Ամուգ Օվայի մէջ հիւանդանալով, իր ընկերները զինք թուրքի մը մօտ կը թողուն եւ կը հեռանան։ Մեծ դժուարութեամբ կ’անցնի Անտիոք եւ այնտեղէն ալ Սուէտիոյ Հաճի 364
Հապիպլի հայաբնակ գիւղը։ Այնտեղ, 1895 Փետրուարին, Պապա Եօղուրտեաններու ասպնջական բնակարանին մէջ նախ կը ծանօթանայ Աղասիի եւ քիչ յետոյ ալ Ապահի, երբ այս վերջինը Կիպրոսէն կը վերադառնար կամաւորներու խումբով մը, ու անոնց յեղափոխական քարոզներէն ու գաղափարներէն ներշնչուած, յեղափոխական կարմիր մկրտութեան կ’արժանանայ, եւ իբր գաղափարի նորընծայ զինուոր, Կարապետ Ղըր-Փանոսեան կը կոչուի Ջալլատ (դահիճ)։ Ան քիչ յետոյ, Սուէտիոյ «Մարօ» զօրագնդի պետերէն մին կը կարգուի։ Սուէտիացիք զինք կը պաշտէին, եւ երբ այդ շրջանը զինուորական խիստ պաշարման ենթարկուած էր, ի՛նքն էր որ, պաշարող քարանթիններու շղթաները ճեղքելով, Հնչակեան գործիչները անվտանգ կը հասցնէ Զէյթունի եւ Հաճընի լեռները։ Երբ 1895ի Յուլիսին, Ապահի հետ դէպի Հաճըն ճամբայ ելլելով, չորս տարուայ բացակայութենէ մը վերջ իր ծննդավայրը կ’այցելէ վերջին անգամ, իր ծնողքը եւ զինք ճանչցող բարեկամները զարմանօք կը դիտեն` այդ արկածախնդիր եւ անուղղայ կարծուած երիտասարդին շնորհալի շարժուձեւերը ու կը լսեն` անոր հոգւոյն խորքերէն թռիչ առած հայրենասիրական քարոզները։ Թաշօլուգի գիւղացիները, հետաքրքիր անոր փոխուած կեանքէն, կ’ուզեն լսել Ջալլադի արկածալից կեանքի պատմութիւնը։ Ջալլադ սակայն, իր անցուցած երեք տարուան տխուր պատմութեան վրայ սեւ քօղ մը ձգել կ’ուզէր միշտ, յանցաւորի մը լռութիւնը կը պահէր` կարծես խոստովանիլ ուզելով որ ա՛յն սահած տարիներուն մէջ իր գործած ոճիրներն ու աւազակային շահատակութիւնները` աննպատակ ու յիմար ձեռնարկներ էին...։ Ան կը սիրէր միշտ սկսիլ իր պատմութիւնը ա՛յն օրէն, երբ նախախնամութիւնը զինք չարագործ ընկերներէն հեռացնելով, առաջնորդած ու տարած ձգած էր Սուէտիոյ գիւղախմբերէն` Հաճի Հապիպլի, ուր ծանօթանալու պատեհութիւնը ունեցած էր Աղասիի եւ Ապահի։ Ասպետական ոգւով, ժողովըրդային պարզ, կոշտ, եւ անգիտակից յեղափոխականն էր, որ ի վերջոյ գիտակցութիւնն ալ կը ստանայ։ Երիտասարդ տարիքի մէջ իր վաղահաս նահատակումը մեծ ցաւ կը պատճառէ հայ ժողովուրդին, մանաւանդ իր զինակից ընկերներուն։
ՄԼԵՀ (ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԱՄԿԱՃԵԱՆ) Ծնած է Խարբերդի գիւղերէն` Հիւսէյնիկի մէջ 1867ին։ Կանուխէն որբանալով, անցած է Պոլիս եւ ապա Ամերիկա եւ մտած Հնչակեան դրօշի տակ։ Խանդավառ հիացող հայ ազատագրութեան, անոր ի սպաս դրած է իր կեանքն ու ապագան։ Ան կը միանայ Ամերիկայէն Կիլիկիա ուղարկուած Հնչակեան կամաւորներուն, որոնք Ապահի առաջնորդութեամբ, Կիպրոսէն պիտի անցնէին Սուէտիա` 1895ի գարնան։ Զէյթունի Ապստամբութեան ամբողջ տեւողութեան Մլեհ, Ապահի, Աղասիի եւ Հրաչեայի կողքին կը գտնուի միշտ, ու կ’ըլլայ մին` այդ Շարժումը ղեկավարողներէն։ Ապա, անոնց հետ կ’անցնի Լոնտոն։ Ամերիկա դարձին, կը 365
մնայ միեւնոյն հայրենանուէր հայորդին, անաղմուկ գործելով իբր Վերակազմեալ, ապա Ռամկավար Ազատական։ Համաշխարհային պատերազմին կ’անցնի Եգիպտոս ուր յաջորդաբար կը ծառայէ անգլիական բանակին, հայ կամաւորաց, Սուէտիացւոց կայանին ու Սիսուան որբանոցին մէջ։ Զինադադարէն վերջ, երբ թուրք հրոսային կռիւները կը սկսին Կիլիկիա, հո՛ն կը մեկնի, գործելով զինակից Ապահի, Հերեանի, Աճէմեանի եւ այլոց հետ, իբր ղեկավար Տէօրթ Եօլի պարենաւորման յանձնախումբին եւ ինքնապաշտպանութեան քօմիթէին, մինչեւ Կիլիկիոյ պարպումը։ Հիասթափ` «հայոց բարեկամներ»ու բանած ընթացքին, կրկին կը քաշուի Ամերիկա։ Համեստ, հայրենասէր ու պարտաճանաչ ազգային գործիչ մը կ’ըլլայ Մլեհ։ Իր անակնկալ մահկանացուն կը կնքէ Պոսթոնի մէջ, 10 Դեկտեմբեր 1926ին։
ՖԷՐԻՔ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՐԷՄԶԻ ԲԱՇԱ Տիւրզիները ընկճած ըլլալու յաւակնութեամբ, Համիտի շնորհներուն արժանացած չէրքէզ տիպերէն էր ան։ Այս գոռոզ ու չէչադէմ մարդը, Զէյթունի զօրանոցին հայոց կողմէ գրաւումէն յետոյ, Եըլտըզէն ստացած մասնաւոր հրահանգով, Համիտիէներու եւ պահեստի զօրքերու գլուխ անցած, Աքքայէն ճամբայ կ’ելլէ, մեծ բանակով մը` Զէյթունի վրայ քալելու համար։ Սակայն իր ընդունայն փորձերը` Զէյթունը նուաճելու, (որոնցմով ան կը յուսար ապագային աստիճանի բարձրացումներ ունենալ), պիտի ստիպէին խոստովանիլ իր պարտութիւնը, եւ Համիտի առջեւ ամօթապարտ մնալով` այդ առթիւ իր ըրած պոռոտախօսութեանց համար, թեւէն վերաւորուելէ վերջ, պիտի շնորհազրկուէր Բ. Դուռնէն, գլխիկոր վերադառնալով Աքքայ...։
ՀԱՃԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՇԱՏԱԼԱԽԵԱՆ Մխալի գիւղապետներէն. որդին էր` Մխալի առաջին եւ հարուստ գնդապետ` Մաւիլարին։ Ծնած` 1863ին։ Հակառակ իր 32 տարիքին, ան արդէն հեղինակաւոր դէմք մը կը դառնայ։ Նշանաւոր եղած է իր երկար հասակով, վայելուչ ու սիրուն դէմքով, քաղցր, լուրջ եւ անկեղծ բնաւորութեամբ։ Իր գիւղի բնակիչներուն մէջ ամենախելացին ու զարգացածը համարուած է, զի յաճախած էր Մարաշի եւ Զէյթունի ազգային դպրոցները։ Մեծ սէր ու համակրանք ցոյց տուած է` Զէյթուն գացող յեղափոխական պետերուն հանդէպ մասնաւորաբար Ապահի եւ Աղասիի. կը փափաքէր անոնց հետ ապրիլ օրերով. չէ ձգած որ անոնք առանձին ճամբորդեն. ընդմիշտ պիտի ընկերանար իրենց։ Մինչեւ Զէյթունի ապստամբութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը, ան իր տան մէջ գաղտնօրէն օրերով ու շաբաթներով պատսպարած է, օգնած է յեղափոխական պետերուն. բաց աստի ինք անձամբ առաջնորդած է զանոնք ու բոլոր ասպատակային խումբերը դէպի կռուի դաշտ։ Իր հիւրընկալ տունը պատսպարանը եղած է բոլոր խեղճերուն ու 366
հալածականներուն։ Շատալախէն, առաջին զինուորագրուողներէն եղած է` Զէյթունի ապստամբական շարժման, եւ իր ամբողջ հարստութիւնը, կալուածները եւն ի սպաս դրած է «Ս. Գործ»ին։ Վիրաւորուելէն կէս ժամ վերջ, ուժասպառ եւ արիւնաթաթաւ վիճակի մէջ, աննուաճ կամքով մը դարձեալ չի դադրիր կռուելէ։ Վերջապէս, տեսնելով թէ անկարելի էր այլեւս մնալ այդ վտանգաւոր դիրքին մէջ, կը ցատկէ իր կարմիր նժոյգին վրայ, եւ սուրալով` թշնամիին արձակած հազարաւոր գնդակներուն մէջէն, հեւասպառ, կէս գիշերին կը հասնի Մխալ` իր հօրենական տունը, ուր ձիէն վար իջնելէ կէս ժամ յետոյ կը մեռնի։ Անմահ անուն մը ձգած է ան` Զէյթունի ապստամբական պատմութիւն մէջ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԷՔԷՐՃԵԱՆ (ՇԷՐՊԷԹՃԵԱՆ) Ծնած է Արաբկիրի Քուշնա գիւղը։ Հայրը 11 տարեկանին տարած է զայն Պոլիս եւ տեղաւորած Կեդրոնական Վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտած է փայլուն կերպով։ Իբր Հնչակեան գործիչ, այնուհետեւ կը մտնէ երկիր։ Առաջին անգամ կ’անցնի իր ծննդավայրը` Քուշնա։ Գիւղի դպրոցը որ եղած է անկերպարան, ու Ռաֆֆիի խօսքով Տէր Դոթիկեան մեթոտով վայր մը, կը դնէ լաւագոյն վիճակի մէջ, կը կազմակերպէ երիտասարդութիւնը եւ յետոյ Վաղշէն գիւղի հոգաբարձութեան հրաւէրով, տարի մ’ալ նոյն դպրոցի բարձրացման կ’աշխատի։ Կարճ ժամանակի մէջ, Շէքէրճեանի համբաւը կը հասնի Արաբկիրի Շահրօզ թաղը գտնուող Կարապետեան վարժարանի հոգաբարձութեան, որը Եզնիկ Եպիսկոպոսի աջակցութեամբ, աւելի մեծ ռոճիկով կը յաջողի զայն փոխադրել` իր թաղին աւելի քան 400 աշակերտութիւն ունեցող վարժարանի աւագ ուսուցչի պաշտօնին։ Այդ թուականներուն, Արաբկիր կը գտնուէր նաեւ Հնչակեան յայտնի գործիչ Շմաւոնը` տեսուչ բարձրագոյն վարժարանի։ Շէքէրճեան, Արաբկիրի մէջ կ’ունենայ կուսակցական կարեւոր գործունէութիւն` Ապահի եւ այլոց հետ։ 1890ին, Արաբկիրէն` Քէպան Մատէնի ճամբով կ’երթայ Խարբերդ։ Հո՛ն եւս իբր համբաւեալ յեղափոխական, իր վրայ կասկածներ հրաւիրած ըլլալով, 1891ի սկիզբները կ’ուղեւորի Ամերիկա։ Շէքէրճեան կը հաստատուի Ուստր քաղաքին մէջ, եւ կը գործէ` տեղւոյն հեռագրական եւ հեռախօսական թելեր պատրաստող Wire Millի աշխատանոցը։ Այդ շրջանի՛ն է որ Շէքէրճեանի կուսակցանուէր աշխատանքին թափը իր գագաթնակէտին կը հասնի, իր մէջ երեւան կուգայ ուժեղ բրօբականտիստը, անզուգական կազմակերպիչը, խանդավառող բանախօսը եւ շնորհալի երգիչը։ Իր նպատակին հասնելու առաջին պայմանը կը նկատէ երիտասարդներու մտաւոր զարգացումը։ Ի՛նքն է որ Ուստրի Մատենադարանի հիմնադիրներէն կ’ըլլայ, անողոք պայքար մղելով` Սարաճեանի եւ Թօփհանէլեանի դէմ, որոնք չեն ուզեր այդ Մատենադարանի մէջ տեսնել յեղափոխական գրքեր, թերթեր, մասնաւորապէս Հնչակը։ Նոյն տարին, տեղւոյն Հնչակեան Մասնաճիւղը 367
կազմելէ եւ զօրացնելէ վերջ, կ’անցնի մօտակայ ուրիշ հայաշատ քաղաքներ։ Խան Ազատի Ամերիկա հասնելէն վերջ, Շէքէրճեան կ’ըլլայ անոր աջ բազուկը. միասին կը շրջին, կը խօսին, կը կազմակերպեն։ Շէքէրճեան, երգելու, եղանակելու իր հազուագիւտ ընդունակութեան շնորհիւ, կ’եղանակէ Միհրան Տամատեանի Առ հնչակը, եւ ի՛նքն է որ, առաջին անգամ իր կազմած երգչախումբով կ’երգէ զայն։ Այնուհետեւ, Հեռաւոր երկիրը կը դառնայ Հնչակեան Կուսակցութեան պաշտօնական քայլերգը։ 1894ին, Աթէնքի ապա Լոնտոնի Հնչակեան Կեդրոնէն հրաւիրուելով ամբողջ երեք տարի, մեծ ձեռնհասութեամբ կը խմբագրէ Ապտակը, հայ յեղափոխութեան անդրանիկ երգիծաթերթը։ 1902ին, Անգլիայէն կ’անցնի Պարսկաստան` կուսակցական գործիչի պաշտօնով։ 1906ին կը վերադառնայ Ամերիկա։ 1909ին կ’ուղեւորի Կովկաս։ Իր մահկանացուն կը կնքէ Թիֆլիսի մէջ` 1912ին։ Շէքէրճեան եղած է նաեւ հոգեբոյժ եւ հիպնօթիստ։ Հեղինակած է հայերէն եւ անգլիերէն շատ մը ուսումնասիրութիւններ այդ նիւթերուն շուրջ։
ՊՕՂՈՍ ՇԻՇՄԱՆԵԱՆ (ՇԱՒԱՐՇ) Ծնած է` Արաբկիրի Սաղմկայ գիւղը 1869ին, խոնարհ ծագումէ։ Իր նախակրթութիւնը ստացած է տեղական դպրոցներուն մէջ։ 1889ին անդամագրուած է Հնչակեան Կուսակցութեան Արաբկիրի մասնաճիւղին, եւ յետոյ հոն կազմակերպած է օժանդակ խումբեր։ Կարնոյ 1890ի դէպքէն վերջ, իր քեռիին` Սարգիս Պալաեանի հետ, Խարբերդէն կ’անցնի իր ծննդավայրը` Սաղմկայ եւ անկէ ալ Ամերիկա։ 1891ին Պոսթոնի մէջ, քանի մը ընկերներով կը հիմնէ Հնչակեան Մասնաճիւղ, որուն 4 տարի շարունակաբար քարտուղարութիւնը եւ երբեմն ալ գանձապահութիւնը կը վարէ։ 1895 Յունուարին, Հնչակեան առաջին կամաւորական խումբին հետ կը մեկնի Լոնտոն, Հնչակեան Կեդրոնը եւ անկէ ալ Կիպրոս, ուր Ապահի 18 հոգինոց խումբին մեկնելէն երեք շաբաթ վերջ, Մայիս 21ին, 3 ընկերներով կ’անցնի Սուէտիա։ Կիլիկիոյ Հնչակեան Նահանգային Վարչութեան որոշումով, իրենց կը վիճակուի` Սուէտիոյ բաժնին մէջ գործել մինչեւ 1896 Մարտ 20։ Մասնաւոր պայմաններով եւ համաձայնութեամբ մը, օտար հիւպատոսներու միջոցաւ յանձնուելէ վերջ, իր ամբողջ խումբովը Հալէպի մէջ բանտ կը դրուի 9 ամիսներ։ Ամերիկա գտնուող նոյն ատենի ընկերներու ջանքերուն շնորհիւ, Կ. Պոլսոյ Ամերիկեան դեսպանին եւ ուրիշներու պաշտպանութեամբ բանտէն կ’ազատուի ու արտասահման կ’անցնի։ Բարիզ, Լոնտոն, եւ Ամերիկա, երեք տարի կ’աշխատի վերակազմել Հնչակեան հերձուածին հետեւանքով, կուսակցութեան ջլատուած մասնաճիւղերը։ 1900ին, Քեռիին հետ, Ամերիկայէն կը մեկնի Գահիրէ, ուր ատեն մը կը մնայ իբր պատասխանատու Հնչակեան գործիչ։ 1908ին կը մտնէ Կիլիկիա։ Մեծ Պատերազմի ամբողջ շրջանին, բանտարկուած 368
կը մնայ` որպէս Հնչակեան եւ յեղափոխական, եւ քանի մը անգամներ ալ մահուան կը դատապարտուի։ Կիլիկեան պարպումէն վերջ Լիբանան կ’անցնի եւ անկէ ալ Թէհէրան, ուր կը մնայ ցայժմ։ Շիշմանեան եղած է կորովի յեղափոխական մը եւ ջերմ պաշտպաններէն Կիլիկեան դատին։ Սուէտիոյ մէջ մանաւա՛նդ, ուր սիրուած ու ճանչցուած է Աւետիս անունով, իր փոքրաթիւ խումբով, դարձած է` Անտիոքի եւ շրջակայ թուրք գիւղերու սարսափը։ Շաւարշ, աշխատակցած է կարգ մը հայ թերթերու եւ հանդէսներու, անոնց մէջ մեծ մասամբ պատմութեան յանձնելով իր յուշերը, «Անցորդ», «Ծերուկ» եւ այլ ծածկանուններով, որոնցմէ յիշեցինք մասնաւորաբար` իր «Կիլիկեան Սուէտիա եւ յեղափոխութիւն» անունով շահեկան յօդուածաշարքը, որ հրատարակուած է Շիրակի 1906ի թիւերուն մէջ։
ՀԱԶՈՐ (ՂԱԶԱՐ) ԻՇԽԱՆ ՇՈՎՐՈՅԵԱՆ (1821-1896) Մին էր` Զէյթունի տիրապետող եւ ողջ մնացած 4 նշանաւոր իշխաններէն։ Մասնակցած էր Զէյթունի նախորդ ապստամբութիւններուն, մասնաւորաբար 1862ի Ազիզ բաշայի պատերազմին, երբ Չագըր-տէրէի ձորին մէջ իր զինուորներէն կը նահատակուին 72 անձեր։ 1863ին, Բ. Դռան մօտ Զէյթունի իրաւունքները պաշտպանելու համար, Զէյթունի միւս երեք իշխաններուն հետ Մարաշի ճամբով կ’ուղեւորի Պոլիս, ուր դաւադրութեան մը զոհ կ’երթայ, եւ իր ուղեկից ընկերներով երեք շաբաթ կ’արգելափակուի կեդրոնական բանտին մէջ. ի վերջոյ օտարներու միջնորդութեամբ կ’ազատի, ու երեք ամիս Պոլիս մնալէ յետոյ կը վերադառնայ Զէյթուն։ 1895ի ապստամբութեան միջոցին, ի՛նք կ’ըլլայ Զէյթունցւոց պատկառելի պետը։ Իր խորհուրդով եւ ցուցմունքներով տեղի կ’ունենան` Գարանլըգ-տէրէի ժողովին խորհրդակցութիւնները։ Պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, թէեւ 75 տարիներու բեռան տակ կքած, իր հեռատես եւ փորձառու խորհուրդներով, կ’աշխատի իր ժողովուրդին կռուելու եռանդը, հաւատքը եւ հայրենասիրութիւնը վառ պահել։ Իր բարեգոծութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ եւս ան կը հանդիսանայ Զէյթունի նեստորը։ Մեծապէս յարգուած ու սիրուած դէմք մըն էր Զէյթունի մէջ, որուն մահը` 1896 Յունիսին վերջերը, անփոխարինելի կորուստ մը կ’ըլլայ եւ խոր վիշտ կը պատճառէ իր ժողովուրդին։ Իրեն համար կ’ըլլայ ազգային փառաւոր թաղում, եւ մարմինը կ’ամփոփուի` Զէյթունի դէմը գտնուող` մեծ գերեզմաննոցին մէջ։ ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՈՍԿԵԱՆ ԿԱՄ ԳԸՅՊԱՇԵԱՆ (ՎՏԱՐԱՆԴԻ) Ծնած է Հաճըն` 1882ին, աղքատիկ ծնողքէ մը։ Իր պատանութիւնը անցուցած է թշուառութեան մէջ, ու հակառակ ատոր, ան շարունակած է սիրել հայ գիրն ու գրականութիւնը։ 1909ի Կիլիկեան եղեռնին, կ’ապաստանի Աղեքսանդրիա, ուր
369
ազատ ասպարէզ կը գտնէ իր նախասիրած գրական սեռը մշակելու։ Պահ մը զբաղած է ուսուցչութեամբ։ Գրած է Հաճընցիին ոճիրը անուն փոքրիկ պատմըւածքը ինչպէս նաեւ նաեւ Կը ծծեն թատերախաղը։ Հրատարակած է` Եգիպտահայ տարեցոյցը (1919)։ Իր գրական արտադրութեանց ամենագեղեցիկ յիշատակը կը մնայ` Խռովքի եւ յարութեան երգեր հատորիկը, որ կը մօտենայ` Վարուժանի եւ Սիամանթոյի քնարին։ Ոսկեան, իր բանաստեղծի խառնուածքէն զատ ունէր ընկերական բնաւորութիւն։ Ի՛նք հիմնած է Աղեքսանդրիոյ Ուսանողական եւ Գեղարուեստասէր Հայուհեաց Միութիւնները։ 1920ի Ապրիլ 28ին, երբ կը վարէր Արեւի խմբագրութիւնը, Ռամկավար կուսակցութեան կողմէ կ’ուղարկուի Կիլիկիա, իբր գործիչ։ Իրմէ առաջ մեկնած էր Լեւոն Աճէմեան։ Ատանայի մէջ պահ մը կը վարէ Հայ ձայնի խմբագրութիւնը, ու կը գործակցի Ապահի եւ այլոց հետ։ Նոյն տարւոյ Օգոստոսի վերջերը, Ատանայէն քանի մը ընկերներով ճամբայ կ’ելլէ` Նաճարլըի գծով (Ապահի անցած ճանապարհէն) Տէօրթ Եօլ երթալու, եւ այնտեղէն արշաւախումբ մը ճամբայ հանելու համար դէպի իր ծննդավայրը` Հաճըն, որ այդ օրերուն իր օրհասական ժամերը կ’ապրէր...։ Դեռ Տէօրթ Եօլ չի հասած, անագորոյն թշնամին իր ճամբուն վրայ դարանակալ, գիշեր ատեն, վատաբար վերջ կուտայ իր եւ իրենց ընկերակցողներու կեանքին` Սեպտեմբեր 1ին։ Թշնամին իր ոճիրը մութին մէջ գործելէ յետոյ, յաջորդ առաւօտ կը վերադառնայ` կողոպտելու համար հայ կտրիճներուն դիակները։ Այդ ատե՛նն է որ չէթէները կը կտրեն ու կը տանին Ոսկեանի գլուխը, որուն անճիտուած մարմինը կը գտնէ Լ. Աճէմեան ու կ’ամփոփէ փոսի մը մէջ։ Այս վերջինը 30 հոգինոց խումբով, Տէօրթ Եօլէն մեկնած էր` հետապնդելու համար ոճրագործները։ Ոսկեան իր վրայ կը կրէր գաղտնի թղթածրարներ որոնք յետոյ թշնամիին ձեռքը կ’անցնին։ Անոր մարտիրոսացումը մեծապէս կ’ողբացուի իր գաղափարակից ընկերներէն ու հայրենակիցներէն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՉԱՎՈՒՇ Եէնի տիւնիա (Նորաշխարհէն) Աստուածատուր աղայի հօրեղբօր թոռ` Մարկոս աղայի որդին ու հռչակաւոր Պապիկ փաշայի եղբայրը։ Ծնած 1864ին Զէյթունի մէջ։ Գեղեցկադէմ ու պարթեւահասակ Զէյթունցի տիպար կտրիճ մըն էր։ 1880ին, երբ իր եղբայրը` Պապիկ փաշա կը հաշտուի կառավարութեան հետ, Նազարէթ Հալէպի բանտէն ազատուելով Զէյթունի մէջ ոստիկանի պաշտօնին կը կոչուի։ Ան ունէր իր եղբօր քաջութիւնը, ըլլալով աւելի խորամանկ ու շրջահայեաց։ 1886ին, Պապիկ փաշայի մահէն վերջ, կառավարութիւնը զինք տասնապետի աստիճանին կը բարձրացնէ, եւ ամէնուրէք կը ճանչցուի Նազարէթ Չավուշ անունով։ Այսպէս ժամանակ մը կառավարութեան կը ծառայէ իբր խմբապետ Զէյթունի ձիաւոր ոստիկաններու։ Ան ի վարձք իր բարւօք ծառայութեանց, (այսինքն երկու 370
հայ սպաննելու համար), կը պատւըուի Մէճիտիէի եւ Սատագաթի նշաններով։ 1890ի դէպքերէն յետոյ, կառավարութիւնը զինք երկու անգամ կը բանտարկէ Հալէպ եւ Մարաշ, ստիպելով որ մահմետական կրօնքը ընդունի` պաշտօնի բարձրացումի խոստումով, հակառակ պարագային սպառնալով զինք աքսորել մինչեւ Պաղտատ։ Նազարէթ բացարձակապէս կը մերժէ այդ առաջարկը, եւ կաշառքի շնորհիւ կը յաջողի Զէյթուն վերադառնալ։ Ասոր վրայ, ամբողջ քաղաքին մէջ մեծ հեղինակութիւն ու համակրանք կը վայելէ եւ չորս թաղեցւոց ալ միանգամայն սիրելի կը դառնայ, որուն համար կառավարութիւնը լաւ աչքով չէր որ պիտի նայէր իրեն։ 1895 Հոկտեմբերի սկիզբը, Մարաշի կառավարիչը հեռագրով կը թելադրէր Զէյթունի Գայմագամ Իֆֆէթ պէյին, նենգամտութեամբ Նազարէթը Մարաշ ճամբայ հանել, եւ Բերդուսի մօտ զինք սպաննել։ Այս գիտնալով, ան այլեւս կը զգուշանայ իր պաշտօնին գլուխը գտնուելէ։ Հոկտեմբեր 24ին, Հազոր իշխան Շովրոյեանի խորհուրդով, կը ներկայանայ Զէյթունի Գայմագամին, եւ այնպէս կը ձեւացնէ թէ կ’ընդունի` Մարաշ երթալու համար իրեն եղած հրաւէրը։ Ու կատարելապէս սպառազինուած, քանի մը կտրիճներով, փոխանակ Մարաշ երթալու (ուր իրեն կը սպասէր անագորոյն մահ մը), կէս ճամբէն իր ուղղութիւնը շեղեցնելով, կ’երթայ Գարանլըգ Տէրէ։ Նազարէթ իշխան, հայրենիքի սիրոյն համար մէկ կողմ նետած թուրք ոստիկանի համազգեստը, Գարանլըգ Տէրէ համախմբուած հայ յեղափոխականներուն կը ներկայանայ այլեւս իր իշխանական ոսկեճամուկ տարազով, եւ իր պարթեւ հասակին կախ ձգած զէնքերու պերճանքին մէջ, դուրս կուգայ իբրեւ կատարեալ լերան արքայ մը։ Գարանլըգ Տէրէի ժողովի նախօրեակին, Նազարէթ Չավուշ երկար ատեն Մարաշի բանտը մնալով զգաստացած կ’երեւէր, ու հայկական վեց նահանգներու ինքնօրինութեան փայլուն զրոյցներէն շլացած, իր նախկին գործը փոխելու առիթ կը փնտռէր։ Այդ առիթը կուտան իրեն Ապահ եւ Աղասի որ կ’ուզեն` իր էութեան մէջ անկեղծ մնացած այս հայրենասէր եւ կտրիճ հայորդիին ունեցած առաւելութիւնները օգտագործել` յօգուտ յեղափոխութեան Ս. գործին։ Անոր անունը որ արատաւորուած էր երբեմն իբրեւ դաւաճան եւ եղբայրասպան (քանի որ այդ տխուր դերով էր որ թրքական կառավարութիւնը զինք բարձրացուցած էր ոստիկանապետի պաշտօնին), հիմա իր գործած մեղքը քաւել տալու համար, յեղափոխական պետերը զինք մէջերնին կ’առնեն։ Արդարեւ սխալած չէին անոնք։ Իշխան Նազարէթ անգա՛մ մը եւս իր պատկանած ականաւոր գերդաստանի եւ Զէյթունի փառքերէն մին պիտի հանդիսանար եւ իր անունը թուրքերուն սարսափը պիտի ըլլար։ Զէյթունի ապստամբութեան միջոցին, ի՛նքն է որ իբր սպարապետ գլուխ կ’անցնի Զէյթունի հազարաւոր քաջերուն եւ հերոսական կռիւներ կ’ունենայ։ Եթէ ամէն «օտարի փետուրներով» զարդարուած հայ, Նազարէթ Չավուշի օրինակին
371
հետեւէր, այսօր հայ ազգը շատո՜նց տարբեր հանգամանք մը ստացած կ’ըլլար...։ Այնուհետեւ, Նազարէթ Չավուշ, կարճ ատենուայ մը համար կը յարի պապականութեան։ Ի վերջոյ, 1914ի Սեպտեմբերին, Զէյթունէն ճամբայ ելլող տարագրութեան առաջին կարաւանին մէջ կը գտնուի ինք, որ շղթայակապ վիճակի մէջ Մարաշ կը տարուի։ Անոր Մարաշ մուտքի տեսարանը շատ յուզիչ կ’ըլլայ։ Կարաւանը կը հասնի Մարաշի զօրանոցին մօտերը, ուր նախատինքի առարկայ կը դառնայ թուրք խուժանին կողմէ։ Մասնաւոր լուտանքի, թուքի եւ հայհոյութեան կ’ենթարկուի Նազարէթ Չավուշ, զոր քիչ ետք բանտին մէջ այնքա՜ն կը ծեծեն որ ամէն կողմէ վէրքեր կը բացուին, եւ դարմանելու պատրուակով թունաւոր սպեղանի կը քսեն ու կը սպաննեն զայն։ Դիակը 10 ժամ պահելէ ետք, առանց եկեղեցական իշխանութեան յանձնելու, չորս բեռնակիրներու ձեռամբ թաղել կուտան` իբր թէ բնական մահով մեռած ըլլար։ Ահա՛ այսպիսի ցաւալի վախճան մը կ’ունենայ այն յիսնամեայ քաջը, որմէ թուրքեր կը դողային ատեն մը...։ Նազարէթ Չավուշի որդիներէն միակ վերապրող Պ. Լեւոն Նորաշխարհեան, ներկայիս իր կնոջ եւ զաւակաց հետ կը գտնուի Սուրիա եւ կը վարէ ուսուցչական պաշտօններ։
ԳԱՐԵԳԻՆ ՉԻԹՃԵԱՆ Ծնած է 1863ին Խարբերդի Իջմէ գիւղը։ Խարբերդի Եփրատ Գօլէճին ուսման շրջանը աւարտելէն յետոյ, Խնուս կը ղրկուի Ամերիկեան Միսիօնարութեան կողմէ իբրեւ քարոզիչ եւ ուսուցիչ։ Ժամանակ մը քարոզած է նաեւ Քէսրիկ գիւղը։ Չիթճեան թէեւ բողոքական քարոզիչ, սակայն չի հանդուրժելով թրքական վայրագութեանց, կը քարոզէ նաեւ ինքնապաշտպանութիւն։ Այս պարագան վտանգաւոր կը դարձնէ Չիթճեանի Թուրքիոյ մէջ մնալը, որով անիկա յարմար կը նկատէ 1892ին թողուլ հայրենիքը եւ մեկնիլ Ամերիկա։ Ամերիկայի մէջ կ’ունենայ ո՛չ այնքան կրօնական որքան կուսակցական գործունէութիւն։ Իր արտասանած ճառերով, բանախօսութիւններով ու հռետորական բնածին արտայայտութիւններով, կը յուզէ, կը մագնիսացնէ բոլորը։ Կը շրջի քաղաքէ քաղաք, յաճախ անօթի ու կիսամերկ, եւ սակայն հաւատքով լի` դէպի յեղափոխական գործը եւ հայրենիքի ազատագրութիւնը։ Ան յեղափոխութեան ճշմարիտ առաքեալ մը կ’ըլլայ։ Լոնտոնի 1896ի Հնչակեան հերձուածին ժամանակ, իբր պատգամաւոր կը մասնակցի ժողովներուն, եւ Ապահի հետ բողոքող Հնչակեաններու կողմը կը բռնէ։ Ամերիկայի մէջ պահ մը կը խմբագրէ Ձայն հայրենեացը, երբ 1900ին, Հնչակեան Կուսակցութեան Ամերիկայի շրջանակը կ’որոշէ զինք Լոնտոն ղրկել` կեդրոնական վարչութեան անհամաձայնութիւնները հարթելու համար։ Երբ Լոնտոն կը հասնի, կեդրոնի անդամները կը գտնէ ատելութեամբ ու կիրքերով լեցուն։ Իր բոլոր ջանքերը ապարդիւն կը մնան` հաշտութիւն եւ սէր գոյացնելու։ Ան յետոյ 372
կ’անցնի Պուլկարիա, ապա Ռուսաստան։ Կուսակցական Կայէնները զինք կը հետապնդեն, եւ 12 Յունիս 1903ին, Օտեսայի մէջ, օր ցերեկով, մեծ պողոտային վրայ, թաւալգլոր կ’իյնայ երեք հայ ոճրագործներու դանակներէն...։
ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼԱԵԱՆ (ՔԵՌԻ) Ծնած է 1865ին` Արաբկիրի Սաղմկայ գիւղը։ 1891ին, երբ Կարինի եւ Կ. Պոլսոյ յեղափոխական շարժումները կը կատարուին, Քեռին կը մտնէ Խարբերդի Հնչակեան շարքերուն մէջ եւ անկէ խոյս կուտայ դէպի Ամերիկա։ Սակայն քիչ յետոյ, կը թողու իր շաբաթական 50-60 տոլար շահաւէտ գործը, ու չանսալով իր բարեկամներու թելադրանքին, 1895 Յունուար 10ին, իբր կամաւոր «Ս. Գործ»ին ճամբայ կ’ելլէ Ամերիկայէն` Ռուբէնի, Շաւարշի (որ իր քրոջ զաւակն էր, եւ ատկէ «Քեռի» ծածկանունը ստացած է` Շաւարշ Շիշմանեանի մօրեղբայրը ըլլալուն), Գուրգէնի, Մուշեղի եւ Սիսակի հետ` դէպի Լոնտոն, Հնչակեան Կեդրոնին հետ տեսակցելու եւ որոշ հրահանգներ ստանալու համար։ Խումբը 2 ամիս Լոնտոն մնալով, կ’որոշուի զայն Կիլիկիա ուղարկել։ Քեռիին ընկերները կ’աշխատին տարհամոզել զինք իր փափուկ կազմը նկատի ունենալով, բայց ան կը յամառի իր որոշումին մէջ։ Անոնք Անգլիայէն կ’անցնին Կիպրոս։ Այս վեց անձնուէր երիտասարդները, միանալով ուրիշներու, Ապահի առաջնորդութեամբ, Մայիս 4ին, Կիպրոսէն կը մտնեն Սուէտիա, ուր միաժամանակ կը պատրաստուէին Զէյթունի եւ Սուէտիոյ ապստամբական շարժումները։ Ամբողջ 10 ամիսներ, Քեռի եւ ընկերներ շարունակաբար կը գործեն Սուէտիոյ շրջանին մէջ, (երբ Ապահ եւ ընկերներ անցած էին Զէյթուն, աւելի նշանակալից գործունէութիւն մը ունենալու համար) եւ օր մը դաւադրութեամբ կը ձերբակալուին, ու 9 ամիս Հալէպի բանտը մնալէ վերջ, կախաղանի վճիռ կը ստանան, սակայն Յակոբ Ասատուրեանի ջանքերուն եւ Հալէպի Ամերիկեան հիւպատոսի միջամտութեան շնորհիւ վճիռը կը բեկանուի եւ երկրէն կ’արտաքսուին։ Քեռի կը վերադառնայ Ամերիկա եւ 1900ին կուգայ հաստատուիլ Գահիրէ, ուր ի վերջոյ կը փակէ իր աչքերը` 1 Յունուար 1914ին։
ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊԵՏԵՒԵԱՆ Որդին էր` Արաբկիրի Անջրդի գիւղէն` Գրիգոր Պետեւեանի, որ հաստատւած էր Հալէպ ու դերձակութեամբ կը զբաղէր։ Բենիամին ծնած է Հալէպ 1870ին եւ նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ։ Իր մօրեղբայրները, Կարապետ (Կարապետ Գրիգորեան վախճանեցաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ` 14 Դեկտեմբեր 1921ին։) եւ Յարութիւն Գրիգորեաններ, որոնք 90ական թուականներէն շատ առաջ յեղափոխական գործօն դերի մէջ էին եւ Հալէպի այն ատենուայ Հնչակեան շարքերու ղեկավարներէն, կանուխէն իրենց քրոջ զաւակին մէջ տեսնելով ըմբոստութեան ոգի մը, կ’առնեն իրենց շարքերուն մէջ։ Հո՛ն կը 373
ճանչնայ եւ կը մտերմանայ իր հայրենակիցներէն` Կարապետ Սուքիասեանի (Արաբկիրի Միատուն գիւղէն)։ 1895ի Հոկտեմբերին, Զէյթունի մօտալուտ ապստամբութեան համար` Հալէպի Հնչակեան Մասնաճիւղին կողմէ իբր կամաւոր, Բենիամին` Կարապետի հետ ճամբայ կ’ելլէ։ Մարաշի մօտ տեղի կ’ունենայ Քէօյնէկսիզի դէպքը։ Պատերազմի տեւողութեան, Բենիամին կը մնայ իր զինուորի համեստ դիրքին ու պարտականութեան մէջ, կարողութեան ներած չափով կատարելով իրեն վստահուած վտանգալից ու փափուկ պաշտօնները։ Երբ հաշտութեան բանակցութեանց համար հիւպատոսներ կուգան Զէյթուն, Աղասիի կը հարցուի իր զինակից ընկերներուն անունները, որպէսզի ըստ այնմ Զէյթուն գացած Հնչակեան գործիչները ապահովապէս երկրէն դուրս հանուէին։ Աղասի վեց հոգիներու անուններ կուտայ միայն. թէեւ քիչ վերջ կ’անդրադառնայ իր ըրած սխալին, որովհետեւ փոխանակ վեցի` եօթը անուններ պէտք էր դրուէր, եւ սակայն այլեւս պայմանագրութեան մէջ անունները արձանագրուած եւ պաշտօնական հաղորդագրութիւնները փոխանակուած ըլլալով, Բենիամին ուրեմն այդպէսով միա՛կը, կը մնայ Զէյթունցիներու մօտ։ Մեծ դժուարութեամբ է որ, բաւական ժամանակ վերջ, ֆրանսական հիւպատոսին միջնորդութեամբ կը յաջողի վերադառնալ Հալէպ, եւ այնտեղէն ալ Իսկէնտէրունի ճամբով կ’անցնի Երուսաղէմ ու ապա կուգայ հաստատուիլ Գահիրէ։ Հոն կը կազմէ իր ընտանիքին բոյնը, զբաղելով դերձակութեամբ, եւ կը շարունակէ իր կուսակցական գործունէութիւնը մինչեւ իր յանկարծահաս մահը, որ տեղի կ’ունենայ` Կիրակի, 4 Մայիս 1930ին։ Բնաւորութեամբ շատ հեզահամբոյր եւ խոնարհ, ու պահ մը ըմբոստ` հանդէպ թշնամիի գործած անիրաւութեանց...։ *** Բենիամինի ընկերակցող Կարապետ Սուքիասեան, ներկայիս կը գտնուի Հալէպի մէջ։
ՄԽՕ-ՇԱՀԷՆ ՍԷՖԷՐԵԱՆ Ծնած է Մշոյ Տէրէվանք գիւղը (Սասուն) 1866ին, հողագործ ընտանիքէ մը։ Իր անուս եւ լեռնցիի չարքաշ կեանքը անցուցած է` կռուելով թուրք եւ քիւրտ աւազակներու եւ պաշիպօզուքներու դէմ։ Վարած է, Մշոյ շրջանակին մէջ, ինքնապաշտպանութեան կռիւները։ Ան, հայուն ընտանեկան անբռնաբարելի պատիւը պահելու նախանձնախնդրութեամբ, շարք մը լպիրշ հարկահաւաք ոստիկաններու հետքերը կորսնցուցած, շատ մը սխրագործութիւններ կատարած է։ Քանիցս ձերբակալուելով, Թուրքիոյ զընտաններուն մէջ սոսկալի չարչարանքներու ենթարկուած է, սակայն իր ճարպիկ ու խորագէտ միջոցներով փախած է բանտերէն, ահ ու սարսափ ձգելով թուրք շրջանակներու մէջ։ Օր մըն ալ ձերբակալուելով Աքքա կ’աքսորուի։ Բանտին մէջ, Ճանկիւլեանի շնորհիւ կը ծանօ374
թանայ յոյն եւ արաբ աքսորեալներու. անոնց միջոցաւ ու օգնութեամբ կը փախչի եւ կ’ազատի։ 1894 Դեկտեմբերին կ’անցնի Կիպրոս, ուր ինքզինք Ապահին ծանօթացնելով, նորէն կը զինուորագրուի, եւ Ապահի 18 հոգինոց խումբին հետ, առագաստանաւով ու փոթորկալից ծովով կը յաջողի մտնել Կիլիկիա։ Քիչ մը ատեն Սուէտիա, ապա մինչեւ Արեգին ու Հաճըն, կ’ընկերանայ Ապահի։ Այս վերջինը, Հաճընէն զինք պաշտօնով կ’ուղարկէ Սիս, Ատանա, սակայն ճամբան ձերբակալուելով, եւ իրեն յանձնուած պաշտօնը գլուխ չի հանած, կը ստիպուի փախուստ տալ, եւ ինքզինք ձգել Տէօրթ Եօլ։ 1895ի Չորք-Մարզպանքի (Տէօրթ Եօլ) ինքնապաշտպանութեան ու շրջակայ գիւղերու կռիւներուն մէջ կը տանի փառաւոր յաղթանակներ` ընդդէմ 15,000 կանոնաւոր եւ անկանոն թուրք բանակներու, ու Տէօրթ Եօլի եւ շրջակայքի հայութիւնը ահեղ կոտորածէ մը կը փրկէ։ Երբ Կիլիկիոյ շարժումները կը դադրին, ձերբակալուելով կը ղրկուի Հալէպի բանտը, ուր ի վերջոյ ընդհանուր ներումի արժանանալով կ’ազատի եւ կ’անցնի նախ Կիպրոս, ապա Ամերիկա։ Հազիւ հոն ոտք դրած, ուր պահ մը Պոսթոնի մէջ ճաշարան մը կը բանեցնէ, առանց ցանկալու փայլուն դիրքերու, կ’որոշէ մեկնիլ հայրենիք, դէպի յեղափոխական գործ։ Եւ այդ օրը չ’ուշանար։ Հնչակեան Միութենէն անմիջապէս յետոյ, Ամերիկայէն կը մեկնի Լոնտոն, ուր Հնչակեան Կեդրոնի հատուածական կռիւները բաժնած էին կուսակցութիւնը։ Մխօն յանձն կ’առնէ նախ Եգիպտոսի եւ ապա Պուլկարիոյ վրայով Ռուսաստան երթալ, լուսաբանելու համար Հնչակեան ընկերները` պառակտուած կեդրոնի մասին։ Սագունի եւ Արզումանեանց` Չիթճեանի եւ Մխօի ետեւէն կը փութացնեն նամակներ Կովկասի Հնչակեաններուն, վարկաբեկելով զանոնք։ Այս զրպարտութիւններով լեցուն նամակներն ու հրահանգները դժբաղդաբար տեղ կը բռնեն միամիտ շարքերու մտքին մէջ։ 1903ի Մարտին, հին Հնչակեան հետեւորդներ, դաւադրութեամբ կը հրաւիրեն զինքը ընկերական հաւաքոյթի մը, Փօթիի մէջ. հոն` պահ մը սիրալիր խօսակցութիւններէ վերջ, այս եղբայրասպան Կայէնները կը յարձակին Մխօի վրայ եւ դանակներով կը խողողեն զինք։ Մխօն, այդ անձնուէր ու անզուգական հերոսը կ’ապրի միայն մէկ ժամ, արիւնթաթախ վիճակի մէջ։ Իր արտասանած վերջին բառերը կ’ըլլան. «Թողէք որ փախին, մի՛ բռնէք այդ մարդիկը»։ Կը թաղուի հեռաւոր Փօթիի հայկական գերեզմանատան մէկ անշուք անկիւնը։
ԷՆՐԻՔՕ ՎԻԹԹՕ (1830-1904) Իտալական մեծանուն հիւպատոս Հալէպի, որ 1896 Փետրուարին Զէյթուն ուղեւորելով, ո՛չ միայն իր պատկառելի նախագահութեան տակ կատարուեցան հաշտութեան բանակցութիւնները, այլ եւ, ծանօթի պայմանագրութիւնը կնքուելէն վերջն ալ, ատեն մը մնաց Զէյթուն, ուր Միջազգային Առաքելութեան մաս 375
կազմող` իր հայրենակից Տօքթ. Ք. Բասգուինօլիի հետ անխոնջ անձնուիրութեամբ մը գնահատելի ծառայութիւններ մատոյց պատերազմի վիրաւորեալներուն եւ Զէյթունի համաճարակի զոհերուն։ Այս իտալացի դիւանագէտն ու ճարտար գրագէտը եղած է մեծ հայասէր մը։ Զէյթունի հաշտութեան բանակցութեանց վաղորդայնին, յեղափոխական պետերէն, մասնաւորաբար Ապահի ու Աղասիի հանդէպ տածած է բացառիկ համակրանք մը։ Այդ պատմական օրերէն իբր յիշատակ գուրգուրանք իր մօտ պահած է` Զէյթունի զօրանոցին վրայ ծածանած եւ թրքական գնդակներէն ծակծկուած հայկական դրօշակը, Աղասիի ձեռագիր նամակը եւ անոր կողմէ թուրք զինուորներու տրուած ու հայերէն լեզուով գրուած անձնագրերէն ոմանք եւ այլ թանկարժէք իրեր, որոնք հպարտութեամբ ցոյց տուած է` իր տունը այցելողներուն։ Ակնարկուած հայկական եռագոյնը, իտալական հիւպատոսին յանձնուած պահուն, Հնչակեան պարոնները, այդ նուիրական պաստառի կտորին վրայ իրենց վերջին համբոյրին հետ, դեռ վառօդ բուրող իրենց արիւնակաթ ձեռքերովը, իբր յիշատակ, անուննին ալ կը դրոշմեն...։ 1897ին, Անատոլիոյ Լատինոյ ծածկանուամբ, կը հրատարակէ իտալերէն Gli Armeni e Zeitun խորագրով ստուար երկասիրութիւն մը, երկու հատոր` 700 էջ, որուն մէջ թափառացած կը դեգերի հայոց աշխարհը, կը հարցուփորձէ դարերը, կը պրպրտէ հայ կեանքը, կը զննէ հայ տաղանդը, հիացումով կը կանգնի Զէյթունի դիմաց, ու այդ ամէնուն վկայութեամբը խանդավառ կը յայտարարէ` ազգային ինքնավար կեանքի համար հայոց արդար իրաւունքը։ Ու ան ճշմարիտ համոզումով է որ կը ճանչնայ այդ իրաւունքը, իր սրտի ազնուութեան միացնելով` իմաստասէր պատմագէտի միտք եւ քաղաքական մարդու խորին փորձառութիւն. մէկ խօսքով իր յիշեալ երկին մէջ կ’անմահացնէ Զէյթունի լեռնականներուն քաջագործութիւնները, մասնաւորաբար հիացիկ տողեր նուիրելով 1895ի Ապստամբութեան վրայ։ Վիթթօ, առաջի՛ն եւրոպացին է որ հոմերական ճարտար գրչով մը լաւագոյնս պատկերացուցած է հայկական դիւցազնութեանց Զէյթունեան դրուագները։ 1903ին կ’անուանուի Պէյրութի իտալական ընդհանուր հիւպատոս, ուր քանի մը ամիս վերջ ծագած խլրտումներուն մէջ, լիբանանցիներու մօտ եւս միեւնոյն պաշտարար ոգին ցոյց կուտայ։ Ամենուրեք, իր կորովի ջանքերուն շնորհիւ, միշտ պայքարած է բռնատիրութեան դէմ, եւ պետական մարդու իր ազդեցութիւնը բանեցուցած է` հարստահարեալներն ու ճնշուածները փրկելու համար։ Վախճանած է 1904 Նոյեմբերին Պէյրութի մէջ։ Իր անմահ անունը կապուած պիտի մնայ ընդմիշտ` հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան փառայեղ էջերէն` 1895ի Զէյթունի ապստամբութեան շրջանին հետ։
376
ՄԻՀՐԱՆ ՏԱՄԱՏԵԱՆ Ծնած է Պոլիս 1863ին. նախնական ուսումը առած է Բանկալթիի վիեննական Մխիթարեանց եւ Ս. Յակոբայ վարժարաններուն մէջ, ապա աշակերտած է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը։ 1880-88 թուականներուն ուսուցչական զանազան պաշտօններ վարած է Պոլիս, Ատանա, Մուշ, Տարօն եւ Վասպուրական։ 1886ին եղած է յեղափոխական. 1889ին մտած է Հնչակեան Կուսակցութեան մէջ։ 1890ի Գում Գաբուի ցոյցէն վերջ, մատնութեան մը երեսէն վտանգուելով Աթէնք փախած է։ 1891ին անցած է Տարօն եւ Սասուն իբրեւ Հնչակեան յեղափոխական գործիչ եւ երկու տարի գործելէ վերջ, Սասնոյ ապստամբութեան առաջին դէպքերուն առթիւ ձերբակալուելով` Մուշէն գիշերանց Բաղէշ փոխադրութեան միջոցին, արկածով մը աջ ոտքին սրունքը կոտրած է։ Եօթը ամիս Բաղէշի բանտը մնալէ վերջ, փոխադրուած է Պոլիս եւ 1894ին ներման արժանանալով, յաջորդ տարին, Պապը Ալիի Հնչակեան ցոյցին պատրաստողներէն մին եղած է։ Անմիջապէս յետոյ փախած է Պուլկարիա եւ Ռումանիա. հոն ձերբակալուելով Պոլիս ղրկուած է։ Պոլսոյ նաւահանգիստէն սակայն ապաստանած է իտալական նաւ մը եւ անցած Աթէնք։ 1896ին գտնուած է Լոնտոնի Հնչակեան Կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին։ Այդ առթիւ, Ապահի եւ ուրիշ թրքահայ պատգամաւորներու հետ, բաժնուելով ընկերվարական կովկասահայ ընկերներէն, ինք եւ իր համախոհները կազմած են Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, որ ժամանակի ընթացքին, զանազան բարեփոխումներ կրելէ վերջ, վերածուած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան։ Տամատեան այնուհետեւ երկար տարիներ բնակած է Աղեքսանդրիա։ 1917ին, Մեծ Պատերազմի ընթացքին, Սապահ Գիւլեանի եւ Ա. Հանըմեանի հետ մեկնած է Ամերիկա, հոն Ազգային Միութիւն հաստատելու եւ Կիլիկեան արշաւանքին համար Արեւելեան Լէգէոնին կամաւորներ արձանագրելու։ Ապա մասնակցած է Բարիզի հայկական համագումարին։ 1918ին եղած է հայկական պատուիրակ Հռոմի մէջ, եւ 1919ին կարգուած է` Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան Կիլիկիոյ լիազօր ներկայացուցիչ, պաշտօն, զոր վարած է մինչեւ Կիլիկիոյ պարպումը ֆրանսական ուժերէն։ Իր այդ պաշտօնին բերմամբ, վերջին անգամ գործակցած է Ապահի` անոր Կիլիկեան Առաքելութեան ժամանակ։ Տամատեան ատեն մը մնացած է նաեւ Լիբանան։ Ներկայիս կը գտնուի Գահիրէ, քաշուած ազգային ամէն գործունէութենէ։ Տալւորիկի եւ Հեռաւոր երկիրի սիրուած հեղինակը, մեր ազատագրական պայքարի անդրանիկ բանաստեղծ-հրապարակագիրներէն մին եղած է։ Իբր կարող մտաւորական, ուսուցիչ եւ ուղղադատ միտք, պայքարած է թրքական բռնակալութեան եւ մեր մէջ տիրող աղայական մտայնութեանց դէմ։ Աշխատակցած է Հնչակին եւ այլ թերթերու։ 1896ին, քիչ մը ատեն, Ռշտունիի, Արփիարեանի եւ այլոց հետ, Լոնտոնի մէջ խմբագրած է Կեղծ Հնչակը 377
(Սեպտեմբեր-Դեկտեմբեր 1896)։ Ապա Եգիպտոս անցնելով հրատարակած է իր Ներշնչումները, բանաստեղծական գրուածքներու հաւաքածոյ մը։ (Այդ քերթուածներէն հատորիս մէջ զետեղած ենք Ողջոյնը, զգայուն ուղերձ մը, գրուած` Ապահի եւ ընկերներուն Զէյթունէն Լոնտոն ժամանման առթիւ)։ Տարիներով եղած է Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնի անդամ, երբեմն գործածելով Լեւոն Բագրատ ծածկանունը։ Ի՛նքն է որ` Վ. Թէքէեանի եւ Լ. Մկրտիչեանի հետ, Վահան Մալէզեանի եւ Միքայէլ Կիւրճեանի հետ 1915ին, Աղեքսանդրիոյ մէջ հիմնած է Արեւը։ Տամատեան եղած է Ապահի համար անշահախնդիր գաղափարակից ընկեր մը, այդ գաղափարակցութեան միացնելով ընտանեկան մտերմութիւն (Ապահ եղած է կնքահայրը` Տամատեանի դուստր` Շաքէի մկրտութեան, ապա Տիկին Աղասի Իփէկեան), Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան սկզբնական շրջանէն մինչեւ անոր ձուլումը Ռամկավարութեան մէջ եւ անկէ ալ յետոյ յաճախ գործակցած է Ապահի հետ, պահելով միշտ անայլայլ համակրանք մը։
ՎԵՐ. ՄԱՆԱՍԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Վեր. Փափազեան բնիկ Այնթապցի էր, իր ուսումը ստացած էր Այնթապի կեդրոնական Գոլէճին մէջ եւ յետոյ Ամերիկա երթալով Աստուածաբանութիւն ուսած էր Եէյլ համալսարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած էր 1889ին։ 1890ին հովիւ ձեռնադրուած է Ֆաուլի Մէս.ի մէջ, ուր 18 ամիս պաշտօնավարելէ եւ Օր. Մէրի Ի. Ֆօսթըրի հետ ամուսնանալէ յետոյ միասին մեկնած են Այնթապ։ Հոն իբրեւ հովիւ մինչեւ 1907 պաշտօնավարելէ վերջ, դարձեալ Ամերիկա վերադարձած են։ Վեր. Փափազեան 1914էն սկսեալ 28 տարի կը հովուէ Ֆրէզնոյի հայ Պանդըխտաց ժողով. Եկեղեցին եւ իր ջանքերով կը կառուցուի եկեղեցւոյ ներկայ շէնքը։ Մէկ քանի տարի առաջ, երբ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն` եկեղեցին զինքը ընտրեց պատւոյ հովիւ։ Ան վերջերս առժամապէս հովուեց նաեւ Օգլէնտի, Լոս Անճէլըսի եւ Փասատինայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիները։ 1936ին հովուած է Նիւ Ճըրզիի Հայ Երից. Եկեղեցին։ 1928ին մէկ տարուան արձակուրդով մեկնեցաւ Մերձաւոր Արեւելք, ուր պտոյտ կատարեց Եգիպտոս, Պաղեստին, Սուրիա, եւ ապա Իտալիա, Ֆրանսա եւ Անգլիա։ Վեր. Փափազեան վախճանեցաւ Կիրակի կէս օրէն ետք, 11 Յուլիս 1943ին, 78 տարեկան հասակին, Ֆրէզնոյի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, ուր քանի մը օր առաջ դրուած էր բժշկական խիստ հսկողութեան տակ։ Հանգուցեալը իր ետեւ կը ձգէ այրին եւ երկու որդիները` Ճօրճ եւ Փոլ, դուստրը` Տիկ. Լ. Գաբրիէլեան եւ եօթը թոռնիկներ։ (Քաղուած` Արեւէն, տես թիւ 7550, 19.10.1943։) (Իր մասին տեսնել նաեւ Մարաշ կամ Գերմանիկ, էջ 509։) 378
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ ԱՂԱՍԻԷ
(տեսնել 25.7.1932 Villeneuve-le-Roiէ գրուած նամակը)
1
ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՒ Ի՞ՆՉՊԷՍ ՊԱՐՈՆ ԱՊԱՀԸ ԵՂԱՒ ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆՍ, ԱՆԲԱԺԱՆ ԶԻՆԱԿԻՑՍ, ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴՍ
894 (?) թուի ամրան սկիզբն էր որ ճանչցայ Պարոն Ապահը։ Տարի ու կէս էր որ Կիլիկիա մտած էի իբր կուսակցութեան ընդհանուր ներկայացուցիչ։ Ամէնուրեք թափառելէս ու կազմակերպելէս յետոյ վերադարձած էի Սուէտիոյ հայ գիւղերուն մօտ, Անտիոքայ արեւմտեան դիմացը, անկէ մէկ ժամ հեռու, Քիսէճիք ըսուած գիւղը, կէս հայ, կէս թիւրք, որ կը գտնուի նախկին Պապեռոնի մօտ` կարմիր լերան ստորոտը։ Հոն հաւաքած էի 12 հոգինոց խումբ մը, այն մտադրութեամբ որ ոչ միայն արթնցնէի Սուէտիոյ եւ Քէսապի հայ գիւղերը, այլ այդ ծովեզերքներէն ներս բերէի, Թրիէստ գտնուած 5000 շասբօ հրացաններ, զորս գնած էր Պեսարապիացի հայ Տիկին Անուշեան եւ տրամադրած էր Հնչակեան ապիկար Կեդրոնին։ Կեդրոնը զիս ուղարկած ատեն խոստացած էր ուղարկել այդ զէնքերն ու Մարսուան քաղաքի մէջ հաւաքուած 3000 ոսկիները։ Այդ ակնկալութեան մէջն էի, երբ լուր ստացայ Կեդրոնէն որ ուղարկած էին ակնկալածներս։ Իսկէնտէրունի մասնաճիւղի մէկ ծանօթութեան վրայ, ահա խմբովին մեկնեցայ` Կարմիր Լերան անտառախիտ եւ ամայի գագաթներէն դէպի Պաղ-Աղբիւր, որ կը գտնուէր Պէյլանի դիմացը։ Մութ անտառէն, քանի մը ձայնական նշաններէն վերջ, դուրս եկանք փոքրիկ դաշտի մը մէջ եւ դէմս կանգնեցաւ երկու մատղաշ երիտասարդներ, (ինէ մէկ տարեկան փոքրիկ) Կիւզէլիմ գիւղի գիւղապետ ընկերին առաջնորդութեամբ։ Այդ երիտասարդներէն մէկուն անունն էր Եղիշէ Ազատեան եւ միւսին Ապահ Պետրոսեան, երկուքն ալ Արաբկիր ծնած եւ դասընկերներ, Ամերիկայ փախած եւ հիմակ Ամերիկայէն կուգային կամաւորներ իրենց ցեղին ազատութեանը համար ուխտած։ Իրենց հետ բերած էին նամակ մը սոսկ կեդրոնէն, որուն մէջ Աւետիս Նազարբէկ կը գրէր ինձ. «Ահա կ’ուղարկեմ ձեզ երկու այծեր, իրենց ձեռքերուն մէկ մէկ կոտոշներ տաք եւ լեռները ձգէք»։
379
Աւետիս Նազարբէկեանցի Յեղափոխական կազմակերպութեան մտայնութիւնը գործադուլ կազմակերպելն էր միայն, աւա՜ղ։ Եւ սակայն յետագային` զգացի եւ տեսայ թէ Պարոն Ապահը այծ մը չէր, անվեհեր առիւծ մը եւ անխարդախ ու անբասիր զինակից մը, որ աւելի արժեց ինձ համար քան 3000 ոսկի։ Եղիշէն, անուշոգի երիտասարդ մը, հազիւ թէ քովս պահեցի ութ օր. ծայրագոյն աստիճանի թոքախտաւոր, Այնթապի ճամբով ուղարկեցի Արաբկիր։ Հազիւ թէ Մալաթիա հասած, մեռած էր եւ ընկերներ թաղած էին զինքը այդ քաղաքին մէջ։ Ապահը, փոքրահասակ ու կրքոտ, մեր խումբին մէջ տեղաւորեցի, ԿէօքՕղլանի հրամանին ներքեւ։ Երկու շաբթուայ զինուորական թափօրով մը ոգեւորեցինք Սուէտիոյ հայ գիւղերը եւ վերադարձանք Քէսէճիք։ Երկու ամիս օգնութեան ակնկալութեամբ կեդրոնէն, գրեթէ անօթի անցուցինք, չոր պաշլամայով (տեսակ մը հաստ լաւաշ), վերջ ի վերջոյ, յուսահատ, ստիպուեցայ ցրուել 15 հոգինոց խումբը, դէպի Մարաշ, Այնթապ, Քիլիս, եւ Անտիոք։ Մինակ մնացի Ապահին հետ, որուն վրայ դեռ մեծ կարծիք մը չէի գոյացուցած։ Մեզ հիւրասիրող ընկերը, բժիշկ մը, որուն այգիին մէջ կ’ապրէինք, լքեց զմեզ, եւ նոյնիսկ վախ ունէինք մատնուելէ։ Ապահին առաջարկեցի իսկոյն, որ թողուր զիս եւ մեկնէր դէպի Այնթապ. խոստացայ տալ իրեն պէտք եղած յանձնարարականները։ Երեք անգամ կրկնեցի իրեն միեւնոյն առաջարկը. - Բարեկամ, ես մահուան դատապարտուած յեղափոխական մըն եմ, երթալիք տեղ մը չունիմ, եթէ ոչ շարունակել ճամբաս դէպի ազգային Ազատութիւնը. դուն ոեւէ կերպով դատապարտուած չես, կրնաս երթալ յԱրաբկիր ու հոն աշխատիլ։ Զարմանալով լսեցի երեք անգամին ալ միեւնոյն պատասխանը. - Քու կողքիդ մինչեւ մահ պիտի կռուիմ, եւ եթէ ինէ առաջ սպաննուիս, դիակիդ վրայ կռուելով պիտի սպաննուիմ։ Անհուն զմայլումով մը գրկեցի զինքը ու համբուրեցի ճակտէն. եւ այդ վայրկեանէն վերջ գտայ անձնուրաց զինակիցս ու եղբայրս։ Եւ միշտ այդպէս մնացինք, հաւատարիմ մեր ուխտին, թէ ի Կիլիկիա, ի Զէյթուն, Լոնտոն, Բարիզ ու Եգիպտոս։ Երբ ութ ամիս վերջ Ջէլլատը (Կարապետ Ղըր-Փէնիւսեան) եկաւ ու գտաւ զիս, կազմեցինք անբաժան երրորդութիւն մը, որ խարիսխն եղաւ Զէյթունի ապստամբութեան։ Այս թուէն վերջ, Պարոն Ապահը այլ եւս հասարակ զինուոր մը չէր, այլ ընկերս, հաւատարիմ խորհրդականս, անձնուրաց գործակիցս, հրամանատար մը։ Տիպար կարգապահ մը, անվախ տէռօրիստ մը, մաքուր գործիչ մը։ Երկու շաբաթ անօթի ու ծարաւ պահուեցանք թաւ ու փշոտ մացառներուն մէջ, աղուէսներու ու բորենիներու խոռոչները. ի շնորհս Պօղոս էֆ. Սէֆէրեանի, որ Իտարէի անդամն էր Անտիոքայ կառավարութեան եւ մեր ընկերը, թօքատցի
380
մեծ հայ մը, ազատեցանք վերահաս դաւադրութենէ մը եւ ապաստանեցանք Սուէտիոյ հայ գիւղերը։ Նախկին ընկերներ, որոնք շահամոլութեան կամ չարամտութեան համար ընկերացած էին, լքեցին զմեզ. բայց նորեր, ճշմարիտ հայրենասէր գիւղապետներ եկան եւ միացան մեզ։ Անոնց նշանաւորներն էին Իզմիրլեան Կարապետ աղա, Թասլագեան Սարգիս, Պօյաճի Արթին, Շիշման Պօղոս, Ազապեան Խաչէր աղաներ Խըտըրբէկ գիւղէն, Ղըրըխեան Մովսէս եւ Խալուլեան` Հաճի-Հապիպլի գիւղէն։ Երկու ամիս յետոյ` հարկ եղաւ որ Պարոն Ապահը ուղարկեմ դէպի Աթէնք, Կեդրոնին մօտ, որ անձամբ բերէր դրամներն ու զէնքերը։ 5000 հրացանները, 5000 նարնջի պէս ներս մուծելու պատրաստ եւ կարող էինք։ Ձմեռնամուտին մակոյկի մը մէջ դրի անձնուրաց կտրիճս եւ թաթի մը (ֆէլլահներուն տրուած անունն է հայ գիւղացիներու կողմէ) ընկերակցութեամբ` որ տէրն էր նաւակին, մեկնեցաւ դէպի Կիպրոս։ Ի՜նչ սխրալի նաւագնացութիւն..., վտանգ փոթորիկէն, վտանգ թուրք մարտանաւերէն եւ վտանգ` Կիպրոս կարենալ առանց անցագրի մտնելէն։ Սակայն «Զոր Տէրն պահէ, գայլը չուտէր» կ’ըսէ առածը, եւ նա յաջողեցաւ կատարել իր ձեռնարկը։ Ութ ամիս յետոյ երբ վերադարձաւ առանց դրամի եւ 5000 զէնքերուն, յանցանքը իրենը չէր, այլ Կեդրոնին որ խաբեց։ Իր կազմակերպական տկար միջոցներով, Պարոն Ապահ իր հետը բերաւ Կիպրոսէն բաւական հրանիւթ, 10ի չափ զինուորական զէնքեր եւ ուժանակ, խումբ մը կամաւորներով։ Այս փոքրիկ զինուորական պատրաստութիւնը սկիզբն եղաւ մեր յաջողութեանց։ Եւ երբ պէտք եղաւ մեկնիլ անմիջապէս դէպի Զէյթուն, դէպի Տօրոս լեռները 1895ի ամրան, ուզեցի թողուլ զինքը ի Սուէտիա իմ տեղս, քանի որ տեղացիներ նոյնչափ կը սիրէին զինքը։ Բայց Պարոն Ապահ չուզեց բաժնուիլ ինէ. աչքերուն մէջ արցունքներ տեսայ. «Քու հետդ պարզ զինուոր կ’ուզեմ լինել, բայց ոչ ներկայացուցիչ հոս»։ Չի դիմացայ եւ տարի հետս, Սուէտիա թողլով Պարոն Շաւարշ Շիշմանեանը իբր ներկայացուցիչ։ Երբ հասանք Զէյթունի Արեգին (Ալապաշ) գիւղը, Պարոն Ապահն ուղարկեցի իբր ներկայացուցիչ ի Հաճըն, ամենակարեւոր պաշտօններէն մին։ Պատերազմին սկիզբը եկաւ միանալ ինձ. մեծ կոչում մը ունէր, մեծ հերոս մը լինելու եւ եղաւ մեծ հրամանատար մը։ (Հայ Յեղափոխութեան վերջին կործանարար տարիներուն (ընդհանուր պատերազմի շրջանին) շատ մը հերոսներ եւ խաւաքարտէ զօրավարներ ստեղծուեցան շահամոլ կուսակցութիւններու եւ տիտղոսաւոր հայ Պատգամաւորի կողմէ։ Անոնց հերոսութիւնը կայացաւ` հայութիւնը բնաջինջ ընել տալու մէջ եւ անոնց զինուորական տաղանդը փայլեցաւ պաշսօխճիներ ըլլալուն մէջ, Ռուսական բանակին մօտերէն թուրք կնիկներ ու ծերեր ջարդելով։ Անոնց ամէնէն համբաւաւորը 3000 հայ զինուորները լքեց ու փախաւ` Հայաստանը նուաճող 7000 թուրք զինուորներուն չի դիմադրելու
381
համար.) (վկայութիւն իր կուսակցութեան)։ Մինչդեռ Պարոն Ապահը, եօթը ընկերներով եւ մէկ հայ աղջկան հետ, չորս ժամ դիմադրեց Կապանի անցքին վրայ, Ալի բաշայի 14,000 Զէյպէկ զինուորներուն, մինչդեռ որ ազատեց Կապանի բոլոր բնակիչները, որոնք լեռնային ճամբով եկան ապաստանիլ ի Զէյթուն։ Պարոն Ապահը, Զէյթունի վրայ արշաւող 105,000 թուրք կանոնաւոր ու անկանոն զինուորներուն` վեց ամիս դիմադրող, յաղթող ու անոնցմէ 36,000 սպաննող հայ հերոսը հրամանատարներէն մին եղաւ* (* Վկայութիւն Նազըմ բաշայի, Ոստիկանութեան Նախարար Սուլթան Համիտի, որուն յուշերը թարգմանեց վերջերս Բարիզի Յառաջ թերթը, օրգան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան)։ Հայութիւնը կրնայ պարծիլ իրմով։ Պարոն Աղասի
382
383
Դէպի հայկական ինքնավարութիւն
Հայկական յաջողութիւն
Թրքական յաջողութիւն
● Ապ. բռնկումը 11-31 Հոկտեմբեր 20 օր
●
Ինք. Զէյթուն 11 Նոյեմբեր - 13 Դեկտեմբեր 43 օր
●
45օրեայ պատերազմը 14 Դեկտեմբեր - 30 Յունուար 45 օր
ՎԻՃԱԿԱՑՈՅՑ ԶԷՅԹՈՒՆԻ 1895Ի ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ
Ապ. խմորումը 1 Յուլիս 10 Սեպտեմբեր 100 օր
●
● Ապ. զսպումը 1-12 Փետրուար 12 օր
●
ԳԼԽԱՒՈՐ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ - Հնչակի հաւաքածոներ, 1888-1898 - Blue Book (Turkey No. 1-5), London, 1896 - Livre jaune (Suppl: Affaires de Zeïtoun 1896-1895), Paris, février 1897 - L’Assassinat du Père Salvatore, par Aghassi, (Trad.) A. Tchobanian, Paris, 1897 - Zeïtoun, par Aghassi, (Trad.) A. Tchobanian, Paris, 1897 - Gli Armeni e Zeitoun, par Anatolio Latino, 2 vols., Firenze, 1897 - Հայկական ճգնաժամն եւ վերածնութիւն, Տօքթ. Մ. Սմբատ Գաբրիէլեան, Պոսթոն, 1905 - Բնաշխարհիկ բառարան («Արաբկիր» եւ «Զէյթուն»), Հ. Ս. Էփրիկեան, Վենետիկ, 1900 - Արաբկիրի գաւառաբարբառը, Մելիք Ս. Դաւիթ-Բէկ, Վիեննա, 1919 - Զէյթունի անցեալէն ու ներկայէն, Զէյթունցի (Մ. Սէմէրճեան), Ա. եւ Բ. հատ., Փարիզ, 1903 - Մխօ-Շահէն Սէֆէրեան. կենսագրական նօթեր, Արսէն Տիրան, Պոսթոն, 1903 - Պատասխանատուները, բաց նամակ, Ապահ, Գահիրէ, 1906 - «Կիլիկեան Սուէտիա եւ յեղափոխութիւն», Շ. Շիշմանեան, Շիրակ, Բ. տարի, թիւ 2-5, Գահիրէ, 1906 - Պատմութիւն Զէյթունի եւ վերջի պատերազմին որ տեղի ունեցաւ 1895ին, Արշակ Միհրդատեան, Պոլիս, 1909 - Զէյթունի վրէժը, վէպ, Սմբատ Բիւրատ, Պոլիս, 1911 - Յուշիկք Զէյթունի, Մամիկոն Վարժապետեան, Մարզուան, 1912 - «Հ.Բ.Ը.Մ.ը (պատմական ակնարկ)», Լեւոն Մկրտիչեան, Լուսաբեր-Արեւ, 4.4.1911 - Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն, Յարութիւն Ճանկիւլեան, Պոլիս, 1913 - Եգիպտահայ տարեցոյցը, Սուրէն Պարթեւեան, 1914, 1915, 1916, 1917 - Հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները, հրատարակութիւն թրքական կառավարութեան, Պոլիս, 1916 - Հայ արծիւներու բոյնը, Ապահ, Գահիրէ, 1918 - Վերածնունդի երկունքը, Հմայեակ Արամեանց, Պոլիս, 1918 - Զէյթուն, թատրերգութիւն, Սեդրակ Շահէն, Նիւ Եորք, 1920 - «Մոռցուած հերոսներ (յուշեր)», Աղասի, Երիտասարդ Հայաստան, 1920
384
- Սուրիահայ տարեցոյց, Բ. տարի, Հալէպ, 1925, էջ 134 - Ազգապատում, (Զէյթունի անցքերը), Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, Բ. հատոր, Երուսաղէմ, 1927 - Ամէնուն տարեցոյցը, Թէոդիկ, 1912 (էջ 360) եւ 1928 (էջ 640) - «Յեղափոխականի յուշերից», Ռ. Խան Ազատ, Հայրենիք ամսագիր, Պոսթոն, 1928 - «Կիլիկեան յուշեր», Լ. Աճէմեան, Արեւ, Գահիրէ, 1928 - Պատմութիւն ամերիկահայ քաղաքական կուսակցութեանց, Մանուկ Ճիզմէճեան, Ֆրէզնօ, 1930 - Պայքար հանդէս, Պոսթոն, 1930 եւ 1931 - Պոլսոյ 1860ի եւ Գահիրէի 1906ի բարեգործականներուն ծնունդը եւ պատմութիւնը, Երուանդ Գ. Աղաթօն, Ժընէվ, 1931 - Հնչակեան տարեգիրք, Փրավիտէնս, 1931 եւ 1932 - Յիշատակներ Նազըմ փաշայի, Պոլիս, 1931 - Ինքնակենսագրութիւն Բարթողիմէոս Ծ. Վրդ. Թագաճեանի նախկին վանահայր Ֆռնուզի վանուց, Երուսաղէմ, 1933 - Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Գր. Գալուստեան, Նիւ Եորք, 1934 - Արաբկիր եւ շրջակայ գիւղերը, Սարգիս Ա. Բախտիկեան, Պէյրութ, 1934 - «Մեր երէկը (յուշեր)», Ս. Սուրէնեան, Պայքար, Պոսթոն, 1936 - Ոսկեմատեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան. Արծաթեայ Յոբելեան (1906-1931), Փարիզ, 1935 - Թորոս աղբար (Հայաստանի ճամբորդ), Տ. Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Ա. մաս, Պոլիս, 1879
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ Հաւաքածոներ` Հնչակի (1888-1898), Անահիտի (1898-1905), Նոր կեանքի (1898-1902), Երիտասարդ Հայաստանի (1903-1922), Շիրակի (1905-1909), Ազատ բեմի (1903-1905), Փիւնիկի (1899-1901), Լուսաբեր-Արեւի (1908-1912), Արեւի (1915-1938), Հայ ձայնի (1919-1921), Պայքարի (1922-1938), եւն, եւն։
Տեղւոյ անձկութեան պատճառով, հոս չենք յիշատակեր շուրջ 40 ուրիշ երկրորդական աղբիւրներ. անոնցմէ ոմանց մասին աշխատութեան էջերու մէջ գոհացած ենք միայն պզտիկ ակնարկութիւններ կատարելով։
385
Նախաբան ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Երկասիրողը (կենսագրական նօթեր) Ներածական ԳԼՈՒԽ Ա. Արաբկիրի մէջ Ա. մաս 1872-1891 Բ. մաս 1891-1896
ԳԼՈՒԽ Բ. Ամերիկայի մէջ (1892-1893)
ԳԼՈՒԽ Գ. Կանխապատրաստութիւններ Կիլիկեան Ապստամբութեան (1894-1895) ԳԼՈՒԽ Դ. Ապստամբութեան խմորումը (Յուլիս-Սեպտեմբեր 1895) ԳԼՈՒԽ Ե. Ապստամբութեան բռնկումը (Հոկտեմբեր 1895)
ԳԼՈՒԽ Զ. Ինքնավար Զէյթուն (Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1895)
ԳԼՈՒԽ Է. 45 օրեայ պատերազմը (14 Դեկտեմբեր 1895 - 30 Յունուար 1896)
ԳԼՈՒԽ Ը. Ապստամբութեան յաղթանակը (1896 Փետրուար)
3
10 14 19 39 48 59 88
119 144 163 193
387
ԳԼՈՒԽ Թ. Քսանամեայ շրջան (1896-1915)
ԳԼՈՒԽ Ժ. Եգիպտահայ անցուդարձեր (1915-1919)
ԳԼՈՒԽ ԺԱ. Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան Եգիպտոսի մարմնոյն կիլիկեան առաքելութիւն (17 Մայիս - 1 Սեպտեմբեր 1920)
Յաւելուած Ապահի կեանքին ու գործին հետ առնչութիւն ունեցող շուրջ 30 (հայ թէ օտար) անձանց կենսագրական հակիրճ նօթերու Անձնական յուշեր Աղասիէ Գլխաւոր աղբիւրներ
388
249 300 324 354
379
384
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 2016
Յաւելուած Ա. Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ, նախաբան` Հայկ Աւագեան (59 էջ)
Յաւելուած Բ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ` յիշողութիւն եւ մարտահրաւէր (դասախօսութիւն) (40 էջ)
Յաւելուած Գ. Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր` Հ. Աւագեան (61 էջ)
Յաւելուած Դ. Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը (202 էջ)
2017
Յաւելուած Ե. Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (317 էջ) Յաւելուած Զ. Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (201 էջ)
Յաւելուած Է. Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (561 էջ)
Յաւելուած Ը. Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքի ուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (546 էջ)
389
Յաւելուած Թ. Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (19401948), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (88 էջ)
Յաւելուած Ժ. Տիրան Կարապետեան. յօդուածներ իր մասին, նկարներու ալպոմ (ծննդեան 135ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հ. Աւագեան (73 էջ)
Յաւելուած ԺԱ. Վանիա Էքսէրճեան. բազմերանգ աշխարհ մը համակ կենսունակութեամբ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (53 էջ)
2018
Յաւելուած ԺԲ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Ա.- Հայկ Աւագեան, Արփիար Արփիարեանի սպանութիւնը (155 էջ)
Յաւելուած ԺԳ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Բ.- Արփիար Արփիարեանի լոնտոնեան թղթածրարը Գահիրէի մէջ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (497 էջ)
Յաւելուած ԺԴ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Գ.- Մարդը ընդդէմ մարդու. մահափորձեր եւ սպանութիւններ հայկական օրինակով (1890-1908), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (169 էջ)
Յաւելուած ԺԵ. 2008 Մարտ 1-ը ըստ Lragir.am-ի, A1+-ի եւ Հետքի (10-ամեակին առիթով), հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (625 էջ)
Յաւելուած ԺԶ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Ա. փուլ (13 – 23 Ապրիլ 2018) (32 էջ) Յաւելուած ԺԷ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Բ. փուլ (25 Ապրիլ – 1 Մայիս 2018) (58 էջ)
390
Յաւելուած ԺԸ. Արմենակ Շահ-Մուրատեան. ժամանակագրութիւն, յօդուածներ, երգացանկ, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (580 էջ)
Յաւելուած ԺԹ. Գոհարիկ Ղազարոսեան. ցանկ ստեղծագործութիւններու, սկաւառակագրութիւն, պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (160 էջ)
Յաւելուած Ի. Մարուշ Երամեան, Ուրուանկար 1965-1995 թուականներու Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան, ներածութիւն` Հայկ Աւագեան, գնահատանքի խօսք` Արմենակ Եղիայեան (182 էջ)
2019
Յաւելուած ԻԱ. Քիրազ. ընտրանի եգիպտական շրջանի երգիծանկարներու, հաւաքեց` Հայկ Աւագեան (81 էջ)
Յաւելուած ԻԲ. Հայկ Աւագեան, Վահան Թէքէեանի յօդուածները Արեւ լրագիրին մէջ. հնարաւորութի՞ւն թէ դիմադրութիւն (124 էջ)
Յաւելուած ԻԳ. Հայկ Աւագեան, Արամ Խաչատրեանի ընկալումը եգիպտական շրջանակներու մէջ. փոխուող յարացոյցներ (250 էջ)
Յաւելուած ԻԴ. Վարան Ոյժ, Յակինթի պարտէզը (բանաստեղծութիւն), նախաբան` Հ. Աւագեան (52 էջ)
Յաւելուած ԻԵ. Եւգենեա Արիստակեան, Յուշեր գաղութահայ կեանքից, տեքստի կազմող, առաջաբանի եւ ծանօթագրութիւնների հեղինակ` Արծուի Բախչինեան, ներածութիւն` Հ. Աւագեան (264 էջ)
Յաւելուած ԻԶ. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ ազատագրական շարժման. դասախօսութիւններու շարք, հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (101 էջ)
391
Յաւելուած ԻԷ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Ա.- Կոմիտաս վարդապետ, Տարբերակներ դաշնակի ստեղծագործութիւններու, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւն` Հայկ Աւագեան (160 էջ)
Յաւելուած ԻԸ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Բ.- Հայկ Աւագեան, Կոմիտաս վարդապետի բաց ստեղծագործութիւն հասկացողութիւնը. տարբերակներ եւ ինքնատարբերակներ Կոմիտասի թեմայով (89 էջ) Յաւելուած ԻԹ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Գ.- Հայկ Աւագեան, Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի մշակութային ժառանգութիւնը եւ Կոմիտաս վարդապետի Մշոյ Շորորը (127 էջ)
Յաւելուած Լ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Դ.- Ձայնագրեալ Պատարագը Կոմիտաս վարդապետի սրբագրութեամբ (ըստ Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանի ինքնագիր նիւթերուն), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (348 էջ) 2020
Յաւելուած ԼԱ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Ա. հատոր, Ուսումնասիրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (370 էջ)
Յաւելուած ԼԲ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Բ. հատոր, Մատենագիտութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (141 էջ)
Յաւելուած ԼԳ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Գ. հատոր, Զանազան գրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց` Հայկ Աւագեան (408 էջ)
Յաւելուած ԼԴ. Մասիս Պետրոսեան, Կենսագրութիւն Ապահ Պետրոսեանի եւ քննական պատմութիւն Զէյթունի 1895ի պատմական մեծ ապստամբութեան, հրատարակութեան պատրաստեցին` Տիգրան Գէորգեան եւ Հայկ Աւագեան (392 էջ)
392