ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՍԻՆԵՄԱՅԻ ՀԱՅ ՊԱՐՈՒՀԻՆԵՐ Գ. ԴԱՍԱԿԱՆ ՊԱՐՈՒՀԻ՝ ՍՈՆԻԱ ՍԱՐԳԻՍ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԽԵ. (45) ԳԱՀԻՐԷ 2021
ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՍԻՆԵՄԱՅԻ ՀԱՅ ՊԱՐՈՒՀԻՆԵՐ Գ. ԴԱՍԱԿԱՆ ՊԱՐՈՒՀԻ՝ ՍՈՆԻԱ ՍԱՐԳԻՍ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԽԵ. (45) ԳԱՀԻՐԷ 2021
Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան
Այս գիրքը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։
Ստանալու համար դիմել` tchahagir@journalist.com
ԴԱՍԱԿԱՆ ՊԱՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ 1. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
Դասական պարը կամ պալէն համեմատաբար նոր ներմուծում մըն է եգիպտական մշակոյթին մէջ։ Եգիպտացի դասական պարողներու անդրանիկ սերունդը կազմաւորուած է 1960-ականներուն, որոնց մաս կազմած է Սոնիա Սարգիս (Չամքէրթէնեան)։ 1958 թուականի նախագահական թիւ 1439 որոշումով հիմքը կը դրուի Պալէի Հիմնարկութեան (Ballet Institute – Մա’հատ Ալ-Պալէ), իբրեւ Մշակոյթի Նախարարութեան բաղկացուցիչներէն մէկը1։ Հիմնադրութիւնը եւ յետագայ 15 տարիներու զարգացումը տեղի կ’ունենայ խորհրդային մասնագէտներու անմիջական մասնակցութեամբ եւ հսկողութեամբ։ 1958-ին, մշակոյթի նախարար Սարուաթ ’Օքաշայի հրաւէրով կու գայ Մոսկուայի Պոլշոյ Թատրոնի նախկին պարող՝ մանկավարժ Ալէքսէյ Ժուքով, որ կը նախագահէ առաջին ընդունելութեան քննութիւնները, ընտրելով 35 աշակերտներ։ Այս 35-էն աստիճանաբար կը յայտնուին 8-ը (5 աղջիկներ եւ 3 տղաք), որոնք պիտի դառնային Գահիրէի Պալէի Խումբին առաջամարտիկները։ Ժուքով կը դառնայ դպրոցին հիմնադիրը եւ կը շարունակէ զայն վարել մինչեւ 19632։ 1958-ին դպրոցը կ’ունենայ համեստ սկիզբ, դասաւանդումը կատարելով Մարմնամարզութեան Բարձրագոյն Հիմնարկութեան երկու սենեակներու մէջ։ 1959-ին կը փոխադրուի Սինեմայի Հիմնարկութեան շէնքը, այնտեղ ձեռք բերելով վեց աւելի շքեղ սենեակներ՝ պալէի եւ դաշնակի դասերու համար։ 1961-ին Մշակոյթի Նախարարութիւնը կը համաձայնի աքատեմական եւ պալէի դասաւանդումները միացնել մէկ շէնքի մէջ։ Նոյն տարին կը բացուի նախակրթական դպրոցը՝ մինչեւ 12 տարեկան աշակերտներու համար։ 1962-ին կ’աւելնայ նախապատրաստական բաժինը՝ տարիքային աստիճանը հասցնելով 15-ի։ 1963-ին կ’աւարտի շէնքին կառուցումը, որ կ’ընդգրկէ յիշեալ դպրոցը եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը հիմնուի երկրորդ տարիքային աստիճանը՝ 15-18, ինչպէս նաեւ Բարձրագոյն Հիմնարկութիւնը՝ իբրեւ համալսարանի համարժէք կրթական հաստատութիւն։ 1963-ի շէնքն է որ կը գործէ մինչեւ այսօր եւ կը կոչուի Պալէի Բարձրագոյն Հիմնարկութիւն (Ալ-Մա’հատ Ալ-’Ալի լըլ-Պալէ), միշտ մնալով
3
Մշակոյթի Նախարարութեան բաղկացուցիչներէն մէկը3։ Արդ, հինգ տարուայ ընթացքին, դպրոցը երկու սենեակներէ կը վերածուի 50 սենեականոց շէնքի, աքատեմական լրիւ ծրագիրով։ 1963-ին, հինգ գլխաւոր կին ուսանողուհիներ կը ստանան երկու տարուայ կրթաթոշակ՝ սորվելու Պոլշոյի մէջ4։ 1963-1966-ի ուսուցիչներէն մէկը կ’ըլլայ Ս. Փաւլով՝ յաջորդելով Ժուքովին5։ 1966-ին, Օփերայի մէջ տեղի կ’ունենայ Գահիրէի Պալէի Խումբին առաջին բեմադրութիւնը՝ Պախչիսարայի շատրուանները, մասնակցութեամբ հինգ պալերինաներուն եւ դպրոցի աշակերտներուն։ Մարզիչն ու պարադիրն (choreographer) էր Պոլշոյի գլխաւոր պարադիր Լէոնիտ Լաւրովսքի։ Յաջողութիւնը կ’ըլլայ բացառիկ։ Յաջորդ երեկոյեան ներկայ կը գտնուի նախագահ Կամալ ’ԱպտէլՆասէր, որ շքանշաններ կը պարգեւէ գլխաւոր պարողներուն6։ 1966-1969-ին կը դասաւանդէ Քիրովի նախկին պարող Քոնսթանթին Շաթիլով, միաժամանակ բեմադրութեան պատրաստելով Ժիզէլ եւ Շչելկունչիկ (Nutcracker)7։ 1969-1973-ին Անաթոլի Քուզնեցով կը դասաւանդէ Պալէի Հիմնարկութեան մէջ, միաժամանակ Պարի Խումբին համար բեմադրելով՝ Տոն Քիխոթէ (1970), Տոն Ժուան (1970), Ֆրանչեսքա տա Ռիմինի (1970), Շչելկունչիկ (1972) եւ Պախչիսարայի շատրուանները (1973)8։ 1969-ին Պալէի Հիմնարկութիւնը կը դառնայ Մշակոյթի Նախարարութեան Արուեստի Աքատէմիի (Աքատէմէյաթ Ալ-Ֆունուն) բաղկացուցիչներէն մէկը9։ 1970-ին Սերժ Լիֆար կը բեմադրէ Ռաւէլի Տաֆնիս եւ Քլոէն։ Բեմադրութիւններուն մեծ մասը տեղի կ’ունենար Գահիրէի Օփերային մէջ (Օփերայի հրապարակ)։ 1971-ին շէնքը կը հրկիզուի եւ մինչեւ նորին բացումը 1988-ին, Գահիրէի ներկայացումները տեղի կ’ունենան Կումհուրէյա, Պալոն, Սայէտ Տարուիշ եւ Ամերիկեան Համալսարանի Էուարթ Մեմորիալ սրահներուն մէջ։ 1973-ին խումբը կ’այցելէ Պոլշոյ ու Քիրով եւ կը շրջագայէ Թունիս, Պուլկարիա, Եուկոսլաւիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Չինաստան, Քորէա եւ Միացեալ Նահանգներ10։ 1976-ին խումբը կ’արժանանայ ոսկի մետալի Եուկոսլաւիոյ մրցոյթին։ 1988-ին Պալէի Խումբը կը փոխադրուի նորաբաց Օփերայի Թատրոնը, ուր կը վերակազմուին իր շարքերը՝ համալրուելով հիմնականօրէն ռուս եւ ուքրաինացի պարողներով11։ 1991-ին Գահիրէի Օփերայի Պալէի Խումբը (Cairo Opera Ballet Company) կը լիազօրուի Օփերայի վարչականութեան տակ՝ դառնալով հիմնարկի խումբերէն մէկը եւ անջատուելով Պալէի Հիմնարկութենէն։ 1988-2005-ին խումբի գեղարուեստական եւ վարչական ղեկավարը կ’ըլլայ ’Ապտէլ Մոն’էմ Քամէլ։ 2004-ին, Քամէլ կը նշանակուի Օփերայի ընդհանուր
4
տնօրէն, զոր կը վարէ մինչեւ 2012։ Տնօրինութեան ժամանակ, Պալէի Խումբին գեղարուեստական եւ վարչական ղեկավար կը կարգէ իր տիկինը՝ իտալուհի Էրմինիա Քամէլ-Կամպարելլի։ Քամէլ կը մահանայ 2013-ին, մինչ Էրմինիա մինչեւ այսօր կը վարէ նոյն պաշտօնը։ Քամէլ ամուսինները շուրջ 35 տարի հաստատուելով իբրեւ Օփերայի Պալէի Խումբի գրեթէ մենատէրերը, արդարեւ, իրենց նպատակէն դուրս կը մնայ ստեղծել տեղական-եգիպտական դասական պարի նուագացանկ, օրինակ՝ քաջալերել ժամանակակից դասական երաժշտահաններուն յօրինել նոր պալէներ, ծրագրուած կերպով վերաբեմադրել սակաւաթիւ հին պալէները, մէկ խօսքով՝ եգիպտացի դասական երաժշտահանի գործը դարձնել մնայուն նուագացանկ, որուն հետ միախառնուած յառաջ երթալ մշակելու եգիպտական նկարագիրով պարային թեքնիք եւ գեղարուեստական արտայայտչականութիւն, որոնք ըլլան յարատեւ ու մշտափոփոխ, այլ ոչ թէ սպառին տուեալ գործի բեմադրութեան մէջ։ Այս առումով Քամէլ ամոլը կատարած է որոշ փորձեր, որոնք հեռու մնացած են հետեւողական ըլլալէ, այլեւ անոնց մէկ մասը եղած է ժամանակաւոր արտադրութիւնը յատուկ պետական եւ կրօնական առիթներու, հետեւաբար, զերծ եղած իրադարձութեան վերածուելու եւ դպրոց յառաջացնելու միտումէ։ Եւ ասիկա, հակառակ Օփերայի Թատրոնի ունեցած նիւթական հսկայ կարողութիւններուն։
2. ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՆՈՒԱԳԱՑԱՆԿ
Առաջին յօրինուած պալէն կը հանդիսանայ Արամ Խաչատրեանի աշակերտ ’Ազիզ Ալ-Շաուանի Իզիս եւ Օզիրիսը (3 արար), հեղինակուած 1968-1969-ին։ Երբեք չէ բեմադրուած, մինչեւ այսօր կը հնչեն անկէ նուագախմբային հատուածներ։ 1973-ին կը բեմադրուի ուզպեքցի երաժշտահան Մուխթար Աշրաֆիի յատուկ յօրինած Ալ-Սոմուտ (Տոկունութիւն) պալէն, ’Ապտէլ Մոն’էմ Քամէլի պարադրութեամբ (choreography)։ Քաղաքական-ազգայնական գործ մըն է, ներշնչուած 1967ի արաբ-իսրայէլական պատերազմէն։ Յետագային չի վերաբեմադրուիր։ Կամալ ’Ապտէլ Ռահիմի Օզիրիսը կարճ պալէ մըն է։ Անոր առաջին տարբերակը՝ կազմուած երեք տեսարաններէ, առաջին անգամ կը բեմադրուի 1978-ին, Հանովէրի մէջ, Կունտէլ Էփլինիուսի պարադրութեամբ, որ յաջորդ տարի կը կրկնուի Գահիրէի Արուեստի Աքատէմիի Սայէտ Տարուիշ Սրահին մէջ, համագործակցութեամբ Գահիրէի Պալէի Խումբին12։ ’Ապտէլ Ռահիմ պալէն կը վերամշակէ հինգ տեսարաններու՝ 35 վայրկեան տեւողութեամբ, զայն պարգեւելով այսօրուայ յայտնի տեսքը։ Նոր տարբերակը
5
առաջին անգամ ’Ապտէլ Մոն’էմ Քամէլի եւ Էրմինիա Քամէլի պարադրութեամբ կը բեմադրուի 1986-ին Կումհուրէյա Սրահին մէջ եւ նոյն տարին կը կրկնուի Լուքսորի Տաճարին առջեւ13։ 1988-ին, Օփերայի Թատրոնի հիմնադրութեամբ, Քամէլի բեմադրութեամբ Օզիրիս կը դառնայ մնայուն նուագացանկի միակ եգիպտական պալէն, պարբերաբար բեմադրուելով մինչեւ այսօր։ Գահիրէի Պալէի Խումբի շրջագայութիւններուն ան քանիցս կը ներկայացուի արտասահման, ինչպէս 1999-ին՝ Ուաշինկթոնի John F. Kennedy Center for the Performing Arts-ին մէջ14, 2002-ին՝ Աթէնքի Lycabettus Theater-ին15, եւ այլն։ 1976-ին, Պալոն Թատրոնին (Մասրահ Ալ-Պալուն) մէջ կը բեմադրուի ’Էյուն Պահէյա օփերէթ-պալէն, որուն երաժշտութիւնը կը յօրինէ Մոսկուայի երաժշտանոցի Արամ Խաչատրեանի դասարանի ասպիրանտուրան նոր աւարտած եգիպտացի երաժշտահան Կամալ Սալամա, պարադրութեամբ ’Ապտէլ Մոն’էմ Քամէլի։ 1986-ին, Կումհուրէա Սրահին մէջ, Քամէլի պարադրութեամբ կը ներկայացուի Կամալ ’Ապտէլ Ռահիմի պալէն՝ Հասան եւ Նա’իմա, կազմուած երեք կարճ տեսարաններէ16, որ կ’ունենայ իր վերաբեմադրութիւնը Օփերայի բացումէն ետք։ 1990-ին, փոփ եւ թեթեւ երաժշտահան ’Օմար Խայրաթի երաժշտութեամբ Օփերայի բեմին վրայ կը բեմադրուի Պալէ Ալ-Նիլ (Նեղոսի պալէն) պալէն, պարադրութեամբ Քամէլի17։ 2001-ին, Քամէլի պարադրութեամբ կը բեմադրուի Ալ-Լայլա ալ-քապիրա (Մեծ գիշերը) իսլամական-կրօնական-ֆոլքլորիք-քարնաւալային պալէն, երաժըշտութեամբ աւանդական ոճի երաժիշտ Սայէտ Մեքքաուիի18։ Կ’ունենայ քանի մը կրկնութիւն յետագայ թատերաշրջաններուն եւ 2002-ին կը բեմադրուի Լիբանանի եւ Իտալիոյ մէջ19։ ’Աթէյա Շարարայի երկրորդ ջութակի քոնչերթոյի երաժշտութեան վրայ յարմարցուած պալէ մը՝ Խաթաուաթ շարքէյա (Արեւելեան քայլեր), 2013-ին կը բեմադրուի Օփերայի Թատրոնին մէջ, պարադրութեամբ Քամէլ ամուսիններուն, որ կը կրկնուի քանի մը թատերաշրջան եւս։ Վերջապէս, 2019-ին, Գահիրէի Օփերայի բեմին վրայ կը տեսնուի Մոհամմատ Սա’տ Պաշայի երաժշտութեամբ Քլէոփաթրա լիարժէք պալէն, Էրմինիա Քամէլի պարադրութեամբ։
3. ՀԱՅԵՐԸ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՊԱԼԷԻ ՄԷՋ
Եգիպտոսի Պալէի Հիմնարկութեան եւ Պալէի Խումբին հետ առնչութիւն
6
ունեցող հայերուն եւ հայկական նիւթերուն պատմութիւնը տակաւին պէտք ունենալով աւելի ամբողջական բացայայտումի, ստորեւ կը բաւարարուիմ քանի մը հիմնական դրուագներով։
ԷԼԷՈՆՈՐԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ 1970-ականներուն Պալէի Հիմնարկութեան խորհրդային ուսուցիչներէն եղած է Էլէոնորա Գրիգորեան20, որ նաեւ գործակցած է եգիպտահայ գաղութին հետ՝ կազմելով ազգագրական պարախումբ։
ՄԱՐԿ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ 1975-1976-ին, Գահիրէի Պալէի Խումբին հետ Մարկ Մնացականեան կը բեմադրէ չորս պալէներ՝ Լորկիանա, Համլէթ, Շեհերազատ եւ Լէյլա եւ Մեճնուն21։ Լորկիանա միարար պալէի ամբողջ մտայղացումը կը պատկանի Մնացականեանին։ Մնացականեան ներշնչուած է Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի բանաստեղծութիւններու կերպարային մթնոլորտներէն՝ առանց որեւէ ուղղակի իմաստային առնչութեան։ Նուագագրութիւնը (orchestral score) կազմած է իսպանական ժողովրդական երաժշտութեան համադրութեամբ։ Առաջին անգամ բեմադրած է 1971-ին, Փեթրոզաւոտսքի երաժշտական թատրոնին մէջ։ 1972-ին բեմադրած է Երեւանի Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնին մէջ։ Համլէթ երկու արարով պալէն եւս իր մտայղացումն է։ Երաժշտութիւնը քաղած է Շոսթաքովիչի Համլէթ թատերական ներկայացումի եւ ֆիլմի երաժըշտութիւններէն։ Իբրեւ զուգակից Լորկիանային, զայն բեմադրած է 1971-ին՝ Փեթրոզաւոտսք, եւ ապա 1972-ին՝ Երեւան։ Յատկապէս Լորկիանան կը դառնայ Գահիրէի Օփերայի Պալէի Խումբին մնայուն նուագացանկային երկը, որ կը շարունակուի բեմադրուիլ մինչեւ այսօր։ 2001-ի բեմադրութեան կը միանայ նաեւ Համլէթը։ ’Ապտէլ Մոն’էմ Քամէլ յատուկ կը հրաւիրէ Մնացականեանը պատրաստելու բեմադրութիւնը։ 2005-ին, Օփերայի Պալէի Խումբը զայն կը բեմադրէ Պաշքիրի Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնին մէջ, Ռուտոլֆ Նուրէեւի անուան 11-րդ միջազգային պալէի փառատօնին։
ԳԱՅԵԱՆԷ ԵՒ ՍՊԱՐՏԱԿ Գահիրէի Պալէի Խումբի մասնակցութեամբ երկու անգամ բեմադրուած է Արամ Խաչատրեանի Գայեանէ պալէն։ Առաջին անգամ՝ 1979 Դեկտեմբեր 7-ին, Գահիրէի Արուեստի Աքատէմիի Սայէտ Տարուիշ սրահը, շարունակուելով մինչեւ ամսավերջ։ Բեմադրութեան համար յատուկ Հայաստանէն կը հրաւիրուին Վիլէն Գալստեան, Ռոբերտ Էլիբէկեան եւ Մուրատ Մուրատեան։ Կը մասնակցին
7
Մարկ Մնացականեանի Լորկիանա պալէի վերջին բեմադրութեան ազդը Գահիրի Օփերայի մէջ, 25-28 Հոկտեմբեր 2020։
8
Գահիրէի Պալէի Խումբի անդամները եւ Պալէի Հիմնարկութեան ուսանողները։ Գայեանէի գլխաւոր դերով հանդէս կու գայ Սոնիա Սարգիս (Չամքէրթէնեան)։ Նուագախումբի բացակայութիւնը կը փոխարինուի ձայնագրուած երաժշտութեամբ22։ Երկրորդը Գայեանէի կրճատուած համադրութիւն մըն էր, որուն բեմադրութիւնը տեղի կ’ունենայ 2004 Ապրիլ 23, 24, 28, 29 եւ 30-ին, Գահիրէի Օփերայի Մեծ Սրահը, մասնակցութեամբ Գահիրէի Օփերայի Պալէին եւ Գահիրէի Օփերայի Նուագախումբին, պարադիր՝ Սերկէյ Քրուփքօ, նուագավար՝ Մուսթաֆա Նակի23։ Գայեանէի երրորդ բեմադրութիւնը 2007 Ապրիլ 15-ին՝ Գահիրէի Օփերայի մեծ սրահը, եւ Ապրիլ 18-ին՝ Աղեքսանդրիոյ Սայէտ Տարուիշ օփերան, տեղի կ’ունենայ Երեւանի Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնի անձնակազմով (պարախումբ եւ նուագախումբ), առանց տեղական մասնակցութեան24։ Խաչատրեանի Սպարտակի առաջին բեմադրութիւնը կը կայանայ 1993-ին, Գահիրէի Օփերայի մէջ, Նովոսիպիրսքի Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնի ամբողջ պարախումբին մասնակցութեամբ, բայց Գահիրէի Օփերայի Նուագախումբի կատարումով, նուագավար՝ Ալեքսէյ Լիւտմիլին25։ Նոյն վայրը, 16 տարի ետք՝ Ապրիլ 2009-ին, Պելառուսի Ազգային Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնը եւս կը բեմադրէ Սպարտակը, պարուսոյց՝ Վալենթին Ելիզարիեւ, կատարումով Գահիրէի Օփերայի Նուագախումբին, նուագավար՝ Նիքոլայ Քոլիատքօ։ ’Ապտէլ Մոն’էմ Քամէլի հրաւէրով կրկին կու գան Ելիզարիեւ եւ իր անձնակազմը, որոնք կը մարզեն Գահիրէի Օփերայի պարախումբը եւ 2010 Փետրուարին՝ ամբողջապէս տեղական ուժերով, կը բեմադրեն պալէն։ Օփերայի Նուագախումբը կը վարէ Նայէր Նակի։ Առաջին անգամն է եգիպտական պարախումբը կը բեմադրէ Սպարտակը։ Ներկայացումը ոչ կանոնաւոր կերպով կը կրկնուի յետագայ թատերաշրջաններուն մինչեւ 201626։
ՄԱՐԻԱՄ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Ծնած է Գիւմրի։ 2009-ին աւարտած է Երեւանի Պարարուեստի Պետական Քոլէջը։ Նոյն տարին միացած է Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնին, միաժամանակ արուեստի դպրոցի մէջ դասաւանդելով պալէ եւ մնջախաղ։ 2010-ին ելոյթ կ’ունենայ Վլատիմիր Սփիւաքովի Մոսկուան Կը Դիմաւորէ Ընկերներուն 7-րդ միջազգային փառատօնին, ուր մասնակցելու եկած էին 33 երկիրներու երիտասարդներ27։ 2011-ին կը միանայ Գահիրէի Օփերայի Պալէի Խումբին, որուն անդամն է
9
մինչեւ այսօր։ Insight Magazine-ին կը տեղեկացնէ Գահիրէ գալուն հանգամանքները. Յանկարծ, մէկ օրուայ ընթացքին փոխուեցաւ իմ կեանքս։ Քրոջս հետ մտած էի պարազգեստի խանութ մը [Երեւանի մէջ], որ խիստ խճողուած էր։ Պատահաբար, Գահիրէի Օփերայի Թատրոնի պալէի պարողները եւս կը գտնուէին այնտեղ։ Անոնք Հայաստան եկած էին Եգիպտական Մշակութային Օրերու ձեռնարկներուն առնչութեամբ։ Քոյրս բաւական մարդամօտ ըլլալով, կը սկսի զրուցել եգիպտացի պարողներէն մէկուն հետ, որ կը հաղորդէ՝ թէ Եգիպտոս կարիք ունի յաւելեալ պալէի պարողներու։ Ունկնդրութիւն կատարելով Գահիրէի Պալէի Խումբի ղեկավար Էրմինիա Քամէլի առջեւ, անմիջապէս կ’ընդունուիմ խումբի անդամ։ Ունկնդրութենէն ընդամէնը հինգ օր ետք կը գտնուէի Գահիրէ, ուր սկսայ իմ հաճելի ճանապարհս իբրեւ Գահիրէի Օփերայի պարող28։ Թատերաշրջանի աւարտին կ’ունենայ իր առաջին մենապարային ելոյթը Շչելկունչիկի (Nutcracker) մէջ։ Մենապարային ուղին կը շարունակուի Օզիրիսով, Ժիզէլով եւ այլն։ 2014-էն սկսեալ գեղարուեստական ղեկավարն է Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութեան Սարդարապատ պարի համոյթին։ Նիշերու Պար (Character Dance) դասաւանդած է Գահիրէի Ժամանակակից Պարի Կեդրոնին մէջ29։ 2017-ին կը ներկայացնէ Հայաստանը Հարաւային Ափրիկէի Միջազգային Պալէի Կալային։
ՀՐԱՆԴ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Գահիրէի Օփերայի Պալէի Խումբի գեղարուեստական ղեկավարութեան համատեղ, ’Ապտէլ Մոն’էմ Քամէլ 1998-2004-ին եղած է նաեւ Օփերայի վարչական տնօրէնը։ Այս շրջանին է որ իրեն կը մօտենայ եգիպտահայ երաժշտահանգեղանկարիչ Հրանդ Քէշիշեան եւ ցոյց կու տայ նոր յօրինած պալէն՝ Անիս Ալ-Ճալիս, հիմնուած Հազար ու մէկ գիշերներուն վրայ։ Յօրինումը կատարած ըլլալով քիպորտի վրայ (նուագագրութիւնը (orchestral score) կը կազմէ յետագային՝ քիպորտի ձայնագրութեան հիման վրայ), Քամէլ զայն կ’ունկնդրէ, լսելով նաեւ հեղինակին բացատրութիւնները։ Ծրագիրը կը մնայ անհետեւանք։ Ըստ Քէշիշեանին, պատճառը դրամն է. Գահիրէի օփերան կ’ուզէր բեմադրել, բայց երբ տեսան թէ ո՛րքան ծախսի կը կարօտի, ետ կեցան, որովհետեւ նաեւ իրենց ուժերէն վեր էր նման պալէի մը բեմադրութիւնը: Ըսեմ նաեւ, որ արաբական աշխարհին մէջ պալէի մը փրէմիէրան չէ եղած. միակը Այտա օփերան եղած է, 1871-ին. անկէ անդին՝ ո՛չ մէկ պալէ բեմադրուած է30։
10
Մէկ կողմ ձգենք պալէի եւ օփերայի փրէմիէրաներուն պզտիկ շփոթը։ Պալէի պարագային, վերը յիշուեցան Եգիպտոսի մէջ եգիպտական գործերու աշխարհի փրէմիէրաները, ուրիշ հարց՝ թէ անոնց հետեւողականութիւնը հեռու է բաւարար ըլլալէ։ Իսկ նիւթականի առումով կը բաւէ յիշել 2009-ի Սպարտակը, որուն համար ծախսուած գումարը բնաւ կարելի չէ թերագնահատել։ Գահիրէի Օփերան ունի հսկայական պիւտճէ եւ կարող է նաեւ հովանաւորներու միջոցով ապահովել յաւելեալ մուտքեր։ Անհետեւանք մնալուն պատճառը կը կայանար գեղարուեստական ղեկավարի որոշումի միանձնութեան մէջ։ 2016 Յունուար 9-ին, Գահիրէի Օփերայի Մեծ Սրահին մէջ, Գահիրէի Սէմֆոնիք Նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Յարութ Ֆազլեանի, կը կատարէ Անիս Ալ-Ճալիսի նախերգանքը31։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Եգիպտոսի Մշակոյթի Նախարարութեան արաբերէն կայքէջը՝ h t t p : / / w w w . m o c . g o v . e g / a r / a f f i l i a t e s list/%D8%A7%D9%83%D8%A7%D8%AF%D9%8A%D9%85%D9%8A%D8%A9%D8%A7%D9%84%D9%81%D9%86%D9%88%D9%86/%D8%A7%D9%84%D9%85%D8%B9 %D9%87%D8%AF-%D8%A7%D9%84%D8%B9%D8%A7%D9%84%D9%89%D9%84%D9%84%D8%A8%D8%A7%D9%84%D9%8A%D9%87/։ 2. Русский балет онлайн энциклопедия, http://www.pro-ballet.ru/html/j/jukov.html. Barbara Farrar Karkabi, ‘Choreography in Cairo,’ Aramco World Magazine, London, Volume 28, Number 2, March-April 1977, p. 19. 3. Barbara Farrar Karkabi, նշ. յօդ.ը, էջ 20։ 4. Անդ, էջ 20։ 5. ‘Египетский балет’, Балет: энциклопедия, гл. ред. Ю. Н. Григорович, Москва: Советская энциклопедия, 1981. 6. Barbara Farrar Karkabi, նշ. յօդ.ը, էջ 20։ 7. Русский балет онлайн энциклопедия, http://www.pro-ballet.ru/html/q/qatilov.html. 8. Русский балет онлайн энциклопедия, http://www.pro-ballet.ru/html/k/kuznecov.html. 9. Եգիպտոսի Մշակոյթի Նախարարութեան արաբերէն կայքէջը։ 10. Mary Ellen Snodgrass, ‘Cairo Opera Ballet,’ in The Encyclopedia of World Ballet, Lanham, Boulder, New York, London: Rowman & Littlefield, 2015. 11. Debra Craine and Judith Mackrell, ‘Egypt,’ in The Oxford Dictionary of Dance, Oxford University Press, 2003, p. 150. 12. Սամհա Ալ-Խուլի, Ալ-քաումէյա ֆի մուսիքա ալ-քարն ալ-’աշրին (արաբերէն՝ Ազգայինը՝ Ի. դարու երաժշտութեան մէջ), Քուէյթ, 1992, էջ 253։ 13. Անդ, էջ 253։ Ուաֆա’ ’Ալի ’Ապտէլ Մակիտ, «Տոր ալ-է’լամ ուա ուասա’էլ ալ-թաուասոլ ալ-էկթըմա’ի ֆի նաշր ֆանն ալ-պալէ» (արաբերէն՝ Լրատուութեան եւ հասարակական ցանցերուն դերը պալէի արուեստը տարածելու գործին մէջ), Լրատուութեան, նորարարութեան
11
եւ զարգացումի երրորդ միջազգային համաժողովի նիւթերէն, Աղեքսանդրիա, 28-30 Ապրիլ 2018, էջ 1197, 1202։ 14. George Jackson, ‘Cairo Opera Ballet,’ Dance Magazine, 26 May 1999, https://www.dancemagazine.com/cairo-opera-ballet-2306861069.html. «Ֆերքաթ պալէ ալ-Քահերա պահարաթ ալ-ամրիքան» (արաբերէն՝ Գահիրէի Պալէի Խումբը զմայլեցուց ամերիկացիները), Ալ-Էսպու’, 21 Յունիս 1999։ 15. Sandra Voulgari-Kathimerini, ‘Cairo Ballet Company at Lycabettus Theater to help victims of AIDS,’ ekathimerini.com, 10 September 2002, https://www.ekathimerini.com/culture/8387/cairo-ballet-company-at-lycabettus-theater-tohelp-victims-of-aids/. 16. Ուաֆա’ ’Ալի ’Ապտէլ Մակիտ, նշ. յօդ.ը, էջ 1197։ 17. Ամալ Պաքիր, «Ալ-Նիլ աուալ պալէ հատիս լըֆերքաթինա ալ-մասրէյա» (Նեղոսը՝ մեր եգիպտական խումբի առաջին արդի պալէն), Ալ-Ահրամ, օրաթերթ, Գահիրէ, 2 Փետրուար 1990։ 18. «Պա’տ ալ-նակահ ալ-կամահիրի Լըլ-Լայլա ալ-քապիրա» (արաբերէն՝ Ալ-Լայլա ալ-քապիրայի ժողովրդական յաջողութենէն ետք), Ալ-Ուաֆտ, օրաթերթ, Գահիրէ, 5 Յունուար 2002։ «Ալ-Սայէտա ալ-ուլա ուա Ալ-Լայլա ալ-քապիրա» (արաբերէն՝ Առաջին տիկինը եւ Ալ-Լայլա ալ-քապիրա), Ռոզ ալ-Եուսէֆ, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 11 Յունուար 2002, էջ 70-71։ 19. Նատէր Ահմատ, «Պալէ Ալ-Լայլա ալ քապիրա ֆի Լուպնան ուա Իթալիա» (արաբերէն՝ Ալ-Լայլա ալ քապիրա պալէն Լիբանանի եւ Իտալիոյ մէջ), Ալ-Կումհուրէյա, օրաթերթ, Գահիրէ, 10 Մարտ 2002։ 20. Սարգիս Պալաեան, «Եգիպտահայ խոստումնալից պարուհի մը՝ Սոնիա Սարգիս Չամքէրթէնեան», Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 23 Դեկտեմբեր 1971, նոր շրջան, թիւ 408, էջ 4։ 21. Балет: энциклопедия, гл. ред. Ю. Н. Григорович, Москва: Советская энциклопедия, 1981. Русский балет онлайн энциклопедия, http://www.pro-ballet.ru/html/m/mnacakan8n.html. Ուաֆա’ ’Ալի ’Ապտէլ Մակիտ, նշ. յօդ.ը, էջ 1198, 1203։ 22. Մանրամասն՝ Հայկ Աւագեան, Արամ Խաչատրեանի ընկալումը եգիպտական շրջանակներու մէջ. փոխուող յարացոյցներ, Ջահակիր, Յաւելուած ԻԳ., 2019, էջ 65-85։ 23. Անդ, էջ 66, 85-119։ 24. Անդ, էջ 85, 121-141։ 25. Անդ, էջ 85։ 26. Անդ, էջ 85, 142-145։ 27. ‘Current full-time teachers at MAAT|CCDC Contemporary Dance School (2016-2019),’ Cairo Contemporary Dance Center, https://cargocollective.com/cairocontemporarydancecenter/Our-People. 28. soha magazine, ‘Mariam Karapetyan,’ Insight Magazine, 28 March 2020, https://insight-egypt.com/2020/03/28/farrah-el-dibany-2-2-2-2-3-2-2-2-2-2-2-2-5-2-3-3-2-2/.
12
29. ‘Current full-time teachers at MAAT|CCDC Contemporary Dance School (2016-2019)’. 30. «Միջազգային փրէմիէրա մը. երաժիշտ Հրանդ Մինաս Քէշիշեանի հետ», զրոյցը վարեց՝ Մարուշ Երամեան, Տեղեկատու, Ապրիլ 2019, թիւ 91, էջ 27։ 31. «Յարութ Ֆազլեան կը վարէ Գահիրէի Սիմֆոնիք Նուագախումբը», Ջահակիր, 14 Յունուար 2016, նոր շրջան, թիւ 1758, էջ 2։
13
ՍՈՆԻԱ ՍԱՐԳԻՍ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
Բուն անունով՝ Սոնիա Սարգիս Չամքէրթէնեան։ Ծնած է Գահիրէ, 1954 Յուլիս 2-ին։ Կը յաճախէ Գալուստեան Ազգային Վարժարանի մանկապարտէզը՝ շարունակելով մինչեւ նախակրթարանի երկրորդ դասարանը, որմէ ետք 1963-ին կ’ընդունուի Գահիրէի Պալէի Հիմնարկութիւնը (Ballet Institute – Մա’հատ ԱլՊալէ)։ 550 դիմորդներէն կ’ընտրուին ինը երեխաներ, որոնցմէ մէկն էր Սոնիա։ Ասիկա այն տարին էր՝ երբ Հիմնարկութիւնը կ’ունենար իր մնայուն շէնքը եւ վերջնականապէս կը կազմաւորուէր իբրեւ կայուն հիմնարկ։ Շուտով փոքր դերերով կը սկսի մասնակցիլ բեմադրութիւններու, օրինակ՝ 1965-1966-ին, Գահիրէի Օփերային մէջ, Թաշքէնթի պալէի խումբի ներկայացումներուն։ 1967-ի սկիզբները կը մասնակցի Սթուտիօ Միսրի Մանուկները եւ երաժշտութիւնը խորագիրով եգիպտական ծանուցողական ֆիլմին, որ երկու օր կը ցուցադրուի Եգիպտոսի հեռատեսիլէն եւ ապա՝ արաբական երկիրներու ու Ճաբոնի հեռատեսիլներէն։ 1967 Դեկտեմբեր 1-ին Օփերային մէջ կարեւոր դերով կը մասնակցի Տոն Քիխոթէ պալէին1։ Իբրեւ յառաջադէմ ուսանողուհի, Մշակոյթի Նախարարութիւնը 1971-ին զինք կը ղրկէ Արեւելեան Գերմանիա, ներկայ գտնուելու պարային ելոյթներու եւ ուսումնասիրելու պարարուեստը2։ 1971 Դեկտեմբեր 12-19-ին՝ երբ Օփերան արդէն հրկիզուած էր, Պալոն թատրոնին մէջ կարեւոր մասնակցութիւն կ’ունենայ պալէի յայտագիրին, ցուցաբերելով «գեղեցիկ ոճ եւ շարժուձեւերու ճշգրտութիւն»3։ Կը մասնակցի Մոսկուայի Երկրորդ Միջազգային Պալէի Մրցոյթին, որուն ծիրին մէջ, 1973 Յունիս 7-ին, ’Ապտէլ Մոն’էմ Քամէլի հետ ելոյթ կ’ունենայ Պոլշոյ Թատրոնի բեմին վրայ4, ըլլալով առաջին եգիպտուհին՝ որ պարած է Պոլշոյի մէջ5։ 1976-ին, Սոնիա Սարգիս եւ Հասան Շեթա կը մասնակցին Թոքիօ Քոնքորտին, ներկայացնելով 10 վայրկեան տեւողութեամբ գործ մը՝ հիմնուած արաբական աւանդավէպ Մաժնուն Լայլայի վրայ, որուն երաժշտութիւնը յօրինած էր Հալիմ
15
Ալ-Տապղ։ Յանձնաժողովը այնքան կը տպաւորուի, որ 1977-ին կը հրաւիրէ ամբողջ Գահիրէի Պալէի Խումբը՝ ներկայացում ունենալու Ճաբոնի մէջ6։ 1977-ին կը դառնայ Գահիրէի Պալէի Խումբի առաջին պարուհի (prima ballerina)7, եւ այդ հանգամանքով կը շրջագայի աշխարհի զանազան վայրեր։ Իբրեւ գլխաւոր պարուհի հանդէս եկած է բազմաթիւ պալէներուն մէջ՝ Տոն Քիխոթէ, Կարապի լիճը, Շչելկունչիկ (The Nutcracker), Ժիզէլ, Շոփինիանա, Քոփելիա, Մաժնուն Լայլա, Եօթը գեղեցկութիւններ, եւ այլն։ Գայեանէ պալէի եգիպտական առաջին բեմադրութեան գլխաւոր դերակատարուհին է՝ Գայեանէի դերով։ Ինչպէս վերը նշուեցաւ, առաջին ներկայացումը կայացած է 1979 Դեկտեմբեր 7-ին, Սայէտ Տարուիշ սրահին մէջ։ Շաֆիք Շամմաս Le Progrès égyptien-ի մէջ Դեկտեմբեր 9-ին պիտի արձանագրէր. Առաջին պարուհին, Օր. Սոնիա Սարգիսը, եգիպտահայ մը, մեզի ներկայացուց յուզիչ կատարում մը։ Իր նայուածքներուն պայծառութենէն, անոնց անձկութենէն, թեւերուն շարժումներէն, ինչպէս եւ իր քայլերուն թեթեւութենէն կը յայտնուէին առասպելական հերոսուհիին ցնծութիւնն ու սարսափը։ Իր պարին բանաստեղծականութիւնն ու քնարականութիւնը իրեն նոր յաղթանակ մը ապահովեցին8։ 1998-ին, Հելիոպոլսոյ Քորպա թաղամասին մէջ կը հիմնէ պարի փոքր արուեստանոց մը։ Աստիճանաբար մեծնալով եւ ծաւալուելով, յետագային ան կը փոխադրուի իր ներկայ ընդարձակ վայրը՝ 187 ’Օրուպա փողոց, Հելիոպոլիս։ Արուեստանոցը կ’անուանուի The Dance Factory, եւ ներկայ դրութեամբ, բացի դասական պարէ, կը բովանդակէ Հիփ-հոփ, ճազային եւ լատինական պարեր, ինչպէս նաեւ զումպայի եւ եոկայի դասարաններ։ Ունի մանուկներու եւ չափահասներու բաժիններ։ Արուեստանոցը տարեկան մեծ ձեռնարկով կը ներկայացնէ իր գեղարուեստական արտադրութեան բոլոր կողմերը9։ Աւետիս Եափուճեան կը նշէ՝ որ Սոնիա Սարգիս «Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր ֆիլմարտադրիչ ընկերութեան Արեւածագ լիամեթրաժ ժապաւէնին մէջ ներկայացուած միակ եգիպտուհին էր»10։ Տեղեկութիւնը տակաւին կարիք ունի հաստատուելու։ Եգիպտական սինեմայի մէջ մասնակցած է մէկ ֆիլմի՝ Ալ-Թրելլա (Բեռնակառքը), ցուցադրուած 1985-ին, պարով եւ դերակատարութեամբ։ Ֆիլմի անւանաթերթին եւ ազդ-պաստառին վրայ գրուած է՝ «Սոնիա Սարգիս, Եգիպտոսի առաջին պալերինա»։ 2019-ին, Գահիրէի Օփերայի հիմնադրութեան 150-ամեակին առիթով, Եգիպտոսի Մշակոյթի Նախարարութիւնը, նախարարուհի Ինաս ’Ապտէլ Տա’էմի
16
Եգիպտոսի մէջ Գայեանէի առաջին բեմադրութեան յայտագիրը, Դեկտեմբեր 1979 (տեսնել յաջորդ էջերը)։
17
18
19
20
21
Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս, Արմէն՝ Ահմատ Շոքրի։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
22 Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս, Արմէն՝ Ահմատ Շոքրի։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս, Արմէն՝ Ահմատ Շոքրի։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
23
Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս, Արմէն՝ Ահմատ Շոքրի։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
24
Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս, Արմէն՝ Ահմատ Շոքրի։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
25
Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս, Արմէն՝ Ահմատ Շոքրի։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
26
27
Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
28 Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
29
Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
30
31
Գայեանէ, Դեկտեմբեր 1979, Սայէտ Տարուիշ սրահ։ Գայեանէ՝ Սոնիա Սարգիս։ (Սոնիա Սարգիսի Ֆէյսպուքի էջէն)
Մաժնուն Լայլա։ Կը պարեն՝ Սոնիա Սարգիս եւ Հասան Շեթա։ (Barbara Farrar Karkabi, ‘Choreography in Cairo: Classical Ballet Comes to Egypt,’ Aramco World Magazine, London, Volume 28, Number 2, March-April 1977, pp. 18-19)
32
Կարապի լիճը։ Կը պարեն՝ Սոնիա Սարգիս եւ Հասան Շեթա։ (Barbara Farrar Karkabi, ‘Choreography in Cairo: Classical Ballet Comes to Egypt,’ Aramco World Magazine, London, Volume 28, Number 2, March-April 1977, pp. 22-23)
33
ղեկավարութեամբ, յատուկ հանդիսութեամբ եւ հանդիսաւորութեամբ Օփերայի բեմին վրայ կը պատուէ եգիպտացի 12 վեթերան արուեստագէտներ, որոնցմէ մէկն էր Սոնիա Սարգիս։ Սոնիա Չամքէրթէնեան երբեմն մասնակցած է հայկական ձեռնարկներու։ 1969 Յունուար 6-ին, Նայլ Հոլի մէջ, պալէի համարով ելոյթ ունեցած է Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան Երիտասարդական Փառատօնին11։ Երեք անգամ մասնակցած է Գահիրէի Հայկական Ընթերցասրահի Երիտասարդական Ծաղկատօններուն, 1978 Մարտ 26-ին՝ Նայլ Հոլ12, 1983 Ապրիլ 3-ին՝ Էուըրթ Մեմորիալ Հոլ13, եւ 1992 Ապրիլ 19-ին՝ Քոլէժ տը լա Սալ14։ Սոնիա Սարգիսի կրտսեր եղբայրը՝ Սիմոն Չամքէրթէնեան, 1995-2012-ին եղած է Գալուստեան Ազգային Վարժարանի տնօրէնը, իսկ 2010-էն մինչեւ այսօր տնօրէնն է Նուպարեան Ազգային Վարժարանի։
34
35
Գնահատական վկայագիր Գահիրէի Օփերայի հիմնադրութեան 150-ամեակին առիթով, ստորագրութեամբ մշակոյթի նախարարուհի Ինաս ’Ապտէլ Տա’էմի։
36
Երիտասարդական Ծաղկատօնի յայտագիրը, 26 Մարտ 1978, Նայլ Հոլ։
Երիտասարդական Ծաղկատօնի հրաւէրը, 3 Ապրիլ 1983, Էուըրթ Մեմորիալ Հոլ։
37
ՖԻԼՄ
Ալ-Թրելլա (Բեռնակառքը) (1985) Տեսակ Գունաւոր։
Արտադրիչ Աֆլամ Ալ-Լեուա’ (Ֆաթհի Ռատուան եւ Ընկ.)։ Բեմադրիչ Սալահ Սերրի։
Հեղինակ Ֆաթհի Ռատուան (պատմութիւն, սենարիօ եւ երկխօսութիւն)։
Դերակատարներ Մատիհա Քամէլ (Սալուա՝ Ֆայզիի եւ Շահինազի դուստրը), Սամիր Ղանէմ (Սամիր), Կամիլ Ռաթէպ (’Ատէլ Սէյֆ Ալ-Տին), Ահմատ Պետէյր (Հասան), Նազիմ Շա’րաուի (Ֆայզի՝ Շահինազի ամուսինը եւ Սալուայի հայրը), Մարիամ Ֆախր Ալ-Տին (Շահինազ՝ Ֆայզիի կինը եւ Սալուայի մայրը), Ռաուհէյա Խալէտ (Նահէտի մայրը), Սէյֆ Ալլահ Մուխթար (դռնապան), ’Ալէյա ’Ապտէլ Մոն’էմ (Սամիրի մայրը), Սոնիա Սարգիս (Լիզա), Մոնա Մունիր, Ֆաթէն Ֆու’ատ (Նահէտ), Մակտա ’Ապտէլ Հալիմ, ’Օմար Ֆաուզի (երգիչ), Սայէտ Սատէք։ Առաջին ցուցադրութիւն 1985։
Նիւթ ’Ատէլ բժիշկ է եւ անաթոմիի փրոֆեսոր բժշկական համալսարանը։ Կ’ապրի իր վիլլային մէջ, կնոջ Լիզայի հետ։ Վիլլային մէջ ունի լապորաթուար, ուր մշակած է պատուաստումի միջոցով մարմինը զմռսող դեղ։ Զմռսումը կը նկատէ կեանքի կենսաջուրը (elixir)։ Լիզա քնարական անձնաւորութիւն մըն է, կը սիրէ կատարել եոկա եւ դասական պար։ Սենեակին մէջ պարած ժամանակ, ’Ատէլ թմրեցուցիչ կը խմցնէ անոր եւ ապա զինքը կը պատուաստէ զմռսումի դեղով ու դիակը կը տեղադրէ վիլլայի սենեակներէն մէկը՝ յատուկ պատրաստուած ապակիէ ցուցափեղկի պահարանի մէջ ուղղահայեաց դիրքի վրայ, որպէսզի կարողանայ դիտել զինքը։
38
Դռնապանին կ’ըսէ՝ որ կինը ճամբորդեց արտասահման։ Սամիր եւ Սալուա սիրահարուած են։ Սամիր կ’ապրի նկուղային բնակարան մը մօրը հետ, մինչ Սալուայի հայրը՝ Ֆայզի, կը պատկանի բարձր դասին։ Սամիր մասնագիտութեամբ փաստաբան է բայց մնացած է անգործ։ Սալուա բժշկական համալսարանի ուսանողուհի է։ Ֆայզի կը մերժէ աղջիկը ամուսնացնել աղքատ Սամիրին հետ։ Սամիրի ընկերն է Հասան, որ անգործ է։ Մօր ամուսինը Հասանը կը վտարէ տունէն, որ բնակութեան համար կը փոխադրուի Սամիրի տունը։ ’Ատէլ սիրոյ խոստումով վիլլան կը հրաւիրէ համալսարանի տնօրէնի քարտուղարուհին՝ Նահէտ, եւ ապա նոյն միջոցներով կը զմռսէ մարմինը եւ կը տեղադրէ Լիզայի քով։ ’Ատէլի համալսարանական ուսանողուհին է Սալուա։ ’Ատէլ կ’ուզէ տիրանալ Սալուային ու դարձնել իր սեփականութիւնը եւ ամէն կերպ կը փորձէ հեռացնել Սամիրը։ Սամիր կ’երթայ ’Ատէլի վիլլան խօսելու համար Սալուայի մասին։ ’Ատէլ սուրճին մէջ թմրեցուցիչ կը դնէ, բայց Հասան՝ որ դուրսը կանգնած կը հետեւէր ընկերոջ, վրայ կը հասնի եւ զինք կը փոխադրէ տուն։ Նահէտի մայրը կու գայ համալսարան, աղջկան թուղթերուն մէջ կը գտնէ ’Ատէլի լուսանկարը, կը հարցնէ ով ըլլալը եւ քարտուղարուհի Մերվաթին կը տեղեկացնէ, թէ աղջիկը անհանգիստ ըլլալուն պիտի բացակայի աշխատանքէ։ Սալուա շրջանաւարտ կ’ըլլայ համալսարանէն եւ կը դառնայ բժիշկ։ Նահէտի մայրը կը հետեւի ’Ատէլին եւ կ’իմանայ բնակութեան վայրը։ ’Ատէլ Ֆայզիէն կը խնդրէ Սալուայի ձեռքը։ Ֆայզի ուրախութեամբ կը համաձայնի, բայց Սալուա կտրականապէս կը մերժէ, քանի որ որոշած է ամուսնանալ Սամիրի հետ։ Քիչ մը դրամ վաստակելու համար, Սամիր թաքսիի վարորդ կ’աշխատի։ Թմրեցուցիչներու վաճառական մը իրեն կ’առաջնորդէ ժողովրդական սրճարան մը, ուր կը ծանօթանայ պարուհի Նարկէսի հետ։ Նարկէս անփոխադարձ սիրով կը սիրահարուի հետը եւ օգնած ըլլալու համար կը գնէ վիճակատոմս մը եւ կու տայ անոր։ Վիճակատոմսը կը շահի 10 հազար ոսկի եւ Նարկէս կ’երթայ Սամիրի տունը լուրը հաղորդելու։ Սամիր ուրախութեամբ կը մեկնի Նարկէսի հետ, ստանալու համար գումարը։ Այդ պահուն Սամիրի բնակարանը կը գտնուէր Սալուա, որ կարծելով թէ Սամիր յարաբերութիւն ունի Նարկէսի հետ, վիրաւորուած կը մեկնի եւ կ’ընդունի ամուսնանալ ’Ատէլի հետ։ Նարկէս կը հասկնայ որ Սամիր կը սիրէ Սալուան եւ կը խոստանայ օգնել։ ’Ատէլի եւ Սալուայի հարսանեկան հանդիսութիւնն է յայտնի սրահի մը մէջ։ Նարկէս կը վերցնէ ընկերոջ բեռնակառքը եւ Սամիրի ու Հասանի հետ կ’երթայ
39
հարսանիք, կը մենապարէ, եւ ապա երեքը միասին կ’առեւանգեն Սալուան ու բեռնակառքով կ’ուղղուին Աղեքսանդրիա տանող ճանապարհը։ Ֆայզի եւ ’Ատէլ ինքնաշարժով կը հետապնդեն բեռնակառքը եւ կը յաջողին վերցնել Սալուան։ Սամիր եւ Հասան բեռնակառքով կը հետեւին անոնց։ Մինչ այդ, Նահէտի մայրը կը մտնէ ’Ատէլի վիլլան եւ կը գտնէ աղջիկն ու Լիզան քով-քովի դրուած ցուցափեղկներու ետեւ։ Կը հեռաձայնէ ոստիկանութիւն եւ կ’ուշաթափուի։ ’Ատէլ Ֆայզին եւ Սալուան կը տանի վիլլան, կը թմրեցնէ զանոնք եւ կ’առաջնորդէ զմռսումի սենեակը։ Կը մտնէ Սամիր ոստիկանի հետ։ Տեսնելով որ փախուստ չկայ, ’Ատէլ կը պատուաստէ ինքզինքը եւ կ’անշարժանայ15։ Ծանօթագրութիւն Սոնիա Սարգիս հանդէս կու գայ ֆիլմին սկիզը, վիլլային մէջ կատարած դասական մենապարով՝ Եոհան Շթրաուսի An der schönen blauen Donau վալսի հնչիւններուն վրայ, կարճ դերակատարութեան հետ միասին։ Պարը խորհրդապաշտական է եւ մթնոլորտային նախապատրաստութիւնն է ’Ատէլի դաժանութեան։
40
Ալ-Թրելլա (1985) ֆիլմին ազդ-պաստառը։ Գրուած է՝ «Սոնիա Սարգիս (Եգիպտոսի առաջին պալերինա)»։
41
42 Ալ-Թրելլա (1985)։ Սոնիա Սարգիս եւ Կամիլ Ռաթէպ։
43
Ալ-Թրելլա (1985)։ Սոնիա Սարգիս եւ Կամիլ Ռաթէպ։
44 Ալ-Թրելլա (1985)։ Սոնիա Սարգիս եւ Կամիլ Ռաթէպ։
45
Ալ-Թրելլա (1985)։ Սոնիա Սարգիս։
46 Ալ-Թրելլա (1985)։ Սոնիա Սարգիս։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Աւետիս Եափուճեան, «Օր. Սոնիա Չամքերթէնեան՝ հայ նոր աստղ մը եգիպտական պայծառ երկնակամարին վրայ», Արեւ, օրաթերթ, Գահիրէ, 9 Յունուար 1968, ԾԳ. տարի, թիւ 14.920, էջ 3։ 2. Սարգիս Պալաեան, «Եգիպտահայ խոստումնալից պարուհի մը՝ Սոինա Սարգիս Չամքէրթէնեան», Ջահակիր, շաբաթաթերթ, Գահիրէ, 23 Դեկտեմբեր 1971, նոր շրջան, թիւ 408, էջ 4։ Աւետիս Եափուճեան, Եգիպտահայ մշակոյթի պատմութիւն, Հայ Ազգային Հիմնադրամ, Գահիրէ, 1981, էջ 646։ 3. Սարգիս Պալաեան, նշ. յօդ.ը։ 4. ‘Second Moscow International Ballet Competition in Moscow,’ Sputnik images, http://sputnikimages.com/media/5754742.html. 5. ‘The Dance Factory: A Chat with the Best in the Business!,’ Ladybird, Magazine, Cairo. July 2016, Summer issue, p. 15. 6. Barbara Farrar Karkabi, ‘Choreography in Cairo,’ Aramco World Magazine, London, Volume 28, Number 2, March-April 1977, p. 22։ 7. Nour El-Hoda Fouad, ‘Meet 150th Anniversary Opera Honorees,’ Sada el-balad English, 17 November 2019, https://see.news/meet-150th-anniversary-opera-honorees/. 8. Շ. Շ., «Հայկական յուզիչ առասպել մը՝ Գայեանէ», թարգմ.՝ Ա. Եափուճեան, Արեւ, 10 Դեկտեմբեր 1971, 64-րդ տարի, թիւ 18.429, էջ 1։ 9. ‘The Dance Factory: A Chat with the Best in the Business!,’ pp. 14-15. 10. Աւետիս Եափուճեան, նշ. աշխ.ը, էջ 645։ 11. Զաւէն Պալաեան, «Երիտասարդական փառատօնը», Ջահակիր, Գահիրէ, 9 Յունուար 1969, նոր շրջան, թիւ 262, էջ 2։ Աւետիս Եափուճեան, «Միջքաղաքային երիտասարդական փառատօնը ունեցաւ փառաւոր յաջողութիւն մը», Արեւ, Գահիրէ, 18 Յունուար 1969, ԾԳ. տարի, թիւ 15.229, էջ 2։ 12. Ներկայ մը, «Երիտասարդական Ծաղկատօնը ոգեւորեց եգիպտահայութեանը», Ջահակիր, 13 Ապրիլ 1978, թիւ 711, էջ 1, 3։ 13. «Հայկական Ընթերցասրահի Նոր Սերունդ մշակութային միութեան կազմակերպած Երիտասարդական Ծաղկատօնը աննախընթաց յաջողութիւն արձանագրեց», Ջահակիր, 21 Ապրիլ 1983, թիւ 929, էջ 1, 3։ 14. Պ. Գ., «Երիտասարդական Ծաղկատօնն ու յոբելինական պարահանդէսը փայլուն յաջողութիւն արձանագրեցին», Ջահակիր, 14 Մայիս 1992, թիւ 1253, էջ 1-3։ 15. Ֆիլմի դիտարկութիւն։ «Ալ-Թրելլա (1985)», elcinema.com, https://elcinema.com/work/1754953/ (արաբերէն)։
47
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ՊԱՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ
1. Պատմական ակնարկ 2. Եգիպտական նուագացանկ 3. Հայերը եգիպտական պալէի մէջ Էլէոնորա Գրիգորեան Մարկ Մնացականեան Գայեանէ եւ Սպարտակ Մարիամ Կարապետեան Հրանդ Քէշիշեան Ծանօթագրութիւններ
ՍՈՆԻԱ ՍԱՐԳԻՍ
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ ՖԻԼՄ Ալ-Թրելլա (Բեռնակառքը) (1985) Ծանօթագրութիւններ
3 5 6 7 7 7 9 10 11
15 38 38 47
49
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 2016
Յաւելուած Ա. Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ, նախաբան՝ Հայկ Աւագեան (59 էջ)
Յաւելուած Բ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ՝ յիշողութիւն եւ մարտահրաւէր (դասախօսութիւն) (40 էջ)
Յաւելուած Գ. Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր՝ Հ. Աւագեան (61 էջ)
Յաւելուած Դ. Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը (202 էջ)
2017
Յաւելուած Ե. Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց՝ Հ. Աւագեան (317 էջ)
Յաւելուած Զ. Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց՝ Հ. Աւագեան (201 էջ)
Յաւելուած Է. Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (561 էջ)
Յաւելուած Ը. Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքի ուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (546 էջ)
50
Յաւելուած Թ. Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (19401948), պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (88 էջ)
Յաւելուած Ժ. Տիրան Կարապետեան. յօդուածներ իր մասին, նկարներու ալպոմ (ծննդեան 135ամեակին առիթով), հաւաքեց՝ Հ. Աւագեան (73 էջ)
Յաւելուած ԺԱ. Վանիա Էքսէրճեան. բազմերանգ աշխարհ մը համակ կենսունակութեամբ, պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (53 էջ)
2018
Յաւելուած ԺԲ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Ա.- Հայկ Աւագեան, Արփիար Արփիարեանի սպանութիւնը (155 էջ)
Յաւելուած ԺԳ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Բ.- Արփիար Արփիարեանի լոնտոնեան թղթածրարը Գահիրէի մէջ, պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (497 էջ)
Յաւելուած ԺԴ. Արփիար Արփիարեանի սպանութեան 110-ամեակին առիթով Գ.- Մարդը ընդդէմ մարդու. մահափորձեր եւ սպանութիւններ հայկական օրինակով (1890-1908), հաւաքեց՝ Հայկ Աւագեան (169 էջ)
Յաւելուած ԺԵ. 2008 Մարտ 1-ը ըստ Lragir.am-ի, A1+-ի եւ Հետքի (10-ամեակին առիթով), հաւաքեց՝ Հայկ Աւագեան (625 էջ)
Յաւելուած ԺԶ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Ա. փուլ (13 – 23 Ապրիլ 2018) (32 էջ) Յաւելուած ԺԷ. Հայկ Աւագեան, Թաւշեայ Յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ. Բ. փուլ (25 Ապրիլ
51
– 1 Մայիս 2018) (58 էջ)
Յաւելուած ԺԸ. Արմենակ Շահ-Մուրատեան. ժամանակագրութիւն, յօդուածներ, երգացանկ, պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (580 էջ)
Յաւելուած ԺԹ. Գոհարիկ Ղազարոսեան. ցանկ ստեղծագործութիւններու, սկաւառակագրութիւն, պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (160 էջ)
Յաւելուած Ի. Մարուշ Երամեան, Ուրուանկար 1965-1995 թուականներու Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան, ներածութիւն՝ Հայկ Աւագեան, գնահատանքի խօսք՝ Արմենակ Եղիայեան (182 էջ)
2019
Յաւելուած ԻԱ. Քիրազ. ընտրանի եգիպտական շրջանի երգիծանկարներու, հաւաքեց՝ Հայկ Աւագեան (81 էջ)
Յաւելուած ԻԲ. Հայկ Աւագեան, Վահան Թէքէեանի յօդուածները Արեւ լրագիրին մէջ. հնարաւորութի՞ւն թէ դիմադրութիւն (124 էջ)
Յաւելուած ԻԳ. Հայկ Աւագեան, Արամ Խաչատրեանի ընկալումը եգիպտական շրջանակներու մէջ. փոխուող յարացոյցներ (250 էջ)
Յաւելուած ԻԴ. Վարան Ոյժ, Յակինթի պարտէզը (բանաստեղծութիւն), նախաբան՝ Հ. Աւագեան (52 էջ)
Յաւելուած ԻԵ. Եւգենեա Արիստակեան, Յուշեր գաղութահայ կեանքից, տեքստի կազմող, առաջաբանի եւ ծանօթագրութիւնների հեղինակ՝ Արծուի Բախչինեան, ներածութիւն՝ Հ. Աւագեան (264 էջ)
52
Յաւելուած ԻԶ. Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն հայ ազատագրական շարժման. դասախօսութիւններու շարք, հրատարակութեան պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (101 էջ) Յաւելուած ԻԷ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Ա.- Կոմիտաս վարդապետ, Տարբերակներ դաշնակի ստեղծագործութիւններու, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւն՝ Հայկ Աւագեան (160 էջ) Յաւելուած ԻԸ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Բ.- Հայկ Աւագեան, Կոմիտաս վարդապետի բաց ստեղծագործութիւն հասկացողութիւնը. տարբերակներ եւ ինքնատարբերակներ Կոմիտասի թեմայով (89 էջ)
Յաւելուած ԻԹ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Գ.- Հայկ Աւագեան, Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի մշակութային ժառանգութիւնը եւ Կոմիտաս վարդապետի Մշոյ Շորորը (127 էջ)
Յաւելուած Լ. Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Դ.- Ձայնագրեալ Պատարագը Կոմիտաս վարդապետի սրբագրութեամբ (ըստ Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանի ինքնագիր նիւթերուն), պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (348 էջ)
2020
Յաւելուած ԼԱ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Ա. հատոր, Ուսումնասիրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (370 էջ)
Յաւելուած ԼԲ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Բ. հատոր, Մատենագիտութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (141 էջ) Յաւելուած ԼԳ. Տիգրան Գէորգեան, Երկեր երեք հատորով, Գ. հատոր, Զանազան գրութիւններ, հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց՝ Հայկ Աւագեան (408 էջ)
53
Յաւելուած ԼԴ. Մասիս Պետրոսեան, Կենսագրութիւն Ապահ Պետրոսեանի եւ քննական պատմութիւն Զէյթունի 1895ի պատմական մեծ ապստամբութեան, հրատարակութեան պատրաստեցին՝ Տիգրան Գէորգեան եւ Հայկ Աւագեան (392 էջ) Յաւելուած ԼԵ. Հայկ Աւագեան, Ալեքսանդր Խատիսեանի պատմական այցելութիւնը Եգիպտոս եւ Հայաստանի Անկախութեան Փոխառութիւնը. ուղի մը հաւաքականութենէ դէպի անձնականութիւն (80 էջ)
Յաւելուած ԼԶ. Հայկ Աւագեան, Զապէլ Եսայեանի երկու այցելութիւնները Եգիպտոս (1918-1920) (38 էջ)
Յաւելուած ԼԷ. Գաբրիէլ Լէքէճեան, Ժողովածու լուսանկարներու երկու հատորով, Ա. հատոր, հաւաքեց եւ նախաբանը գրեց՝ Հայկ Աւագեան (549 էջ)
Յաւելուած ԼԸ. Գաբրիէլ Լէքէճեան, Ժողովածու լուսանկարներու երկու հատորով, Բ. հատոր, հաւաքեց եւ նախաբանը գրեց՝ Հայկ Աւագեան (573 էջ)
2021
Յաւելուած ԼԹ. Հայկ Աւագեան, Ուրուագիծ ջութակահար Ժիրայր Գանթարճեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (1931-1953) (83 էջ)
Յաւելուած Խ. Հայկ Աւագեան, Ուրուագիծ երգչուհի-դերասանուհի Վալանթին Ամիրայեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (1920-1931) (66 էջ)
Յաւելուած ԽԱ. Հայկ Աւագեան, Եգիպտական սինեմայի առաջին հայ դերասանները (66 էջ)
Յաւելուած ԽԲ. Հայկ Աւագեան, Եգիպտական սինեմայի առաջին հայ աստղը՝ Ֆայրուզ (250 էջ)
54
Յաւելուած ԽԳ. (43) Հայկ Աւագեան, Եգիպտական սինեմայի հայ պարուհիներ. Ա. Արեւելեան պարուհի՝ Հոտա Շամս Ալ-Տին (328 էջ)
Յաւելուած ԽԴ. (44) Հայկ Աւագեան, Եգիպտական սինեմայի հայ պարուհիներ. Բ. Արեւելեան պարուհիներ՝ Հերմին եւ Ծովինար (404 էջ)
Յաւելուած ԽԵ. (45) Հայկ Աւագեան, Եգիպտական սինեմայի հայ պարուհիներ. Գ. Դասական պարուհի՝ Սոնիա Սարգիս (55 էջ)
55