ՈՒՐՈՒԱԳԻԾ ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ (1940-1948) Պատրաստեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ Թ. ԳԱՀԻՐԷ 2017
ՈՒՐՈՒԱԳԻԾ ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ (1940-1948) Պատրաստեց` ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ Թ. ԳԱՀԻՐԷ 2017
Ջահակիր շաբաթաթերթ Տնօրէն եւ խմբագիր` Մարտիրոս Պալաեան Խմբագրական խորհրդատու` Հայկ Աւագեան
Այս գրքոյկը հրատարակուած է սահմանափակ տպաքանակով։ Ան չէ նախատեսուած վաճառքի համար։ Անվճար կը տրամադրուի գրադարաններուն եւ նիւթով հետաքրքրուողներուն։
Ստանալու համար դիմել` tchahagir@journalist.com
ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ Գոհար Խաչատուրեան ծնած է Գահիրէ, 24 Դեկտեմբեր 1924-ին։ Մինչեւ Հայաստան ներգաղթելը, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ ունեցած է ութ տարուայ (1940-1948) ուշագրաւ կատարողական գործունէութիւն մը։ Այստեղ պիտի փորձեմ ուրուագծել այդ գործունէութիւնը` ըստ մատչելի տուեալներու, առանց երբեք ամբողջական ըլլալու յաւակնութիւնը ունենալու։ 1948 Ապրիլ 4-ին կ’ամուսնանայ Հայկ Գասպարեանի հետ։ Գահիրէի 1948 Մայիս 22-ի ելոյթէն սկսեալ կը գործածէ Գոհար Գասպարեան անունը։ 1948 Օգոստոս 22-ին, Աղեքսանդրիայէն շարժող Բ. կարաւանով իր ամուսինին հետ կը ներգաղթէ Հայաստան։ Հ. Ա.
3
ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՌԱՏԻՕ, ԳԱՀԻՐԷ ՇԱԲԱԹ, 26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1940
ԵՐԳԻ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿԻ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ` ԳՈՀԱՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ (ՍՈՓՐԱՆՕ) ԵՒ ՆՈՒԱՐԴ ՏԱՄԱՏԵԱՆ (ԴԱՇՆԱԿ)
4
Ֆրանսերէն լրագիրի մը յայտարարութիւնը
5
ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՕՓԵՐԱ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՄԱՅԻՍ 1941
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՒ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՑԵՐԵԿՈՅԹ
6
7
8
9
10
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍԸ (հատուած)
Գ. Ս. Մ.
Օր. Գ. Խաչատուրեան, իր ձայնին խոր թախիծով եւ երաժշտականութեամբ հմայեց ունկնդիրները` Ալէմշահի Իմ երգը մեներգելով։
Արեւ, 10 Մայիս 1941, ԻԵ. տարի, թիւ 6803, էջ 3-4
11
ՀԱՅ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍԻՐԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ, ԳԱՀԻՐԷ ՇԱԲԱԹ, 17 ՄԱՅԻՍ 1941
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ԵՐԵԿՈՅԹ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԷՆՏԷԼՍՈՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ
12
13
14
ՄԷՆՏԷԼՍՈՆԵԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ (հատուած)
Վ. Պ.
Յայտագրին երկրորդ մասին մէջ կար զուգերգի բաժին մը` Օր. Գ. Խաչատուրեանի եւ Պ. Արման Օգոստինոսեանի կողմէ (Երազը, Պարքարօլ եւ Ինչպէ՞ս անյայտացան)։ Չկրցանք հասկնալ թէ ի՛նչու, յիշեալ օրիորդը, որ ներկայ էր երեկոյթին եւ մասնակցեցաւ երգչախումբին խմբերգներուն, վերջին պահուն չէ ուզած երգել, եւ հարկ եղած է ափ յափոյ եւ հապճէպ կարգադրութիւններ ընել, զուգերգին համար։ Անոր յայտագրին վրայ բռնած կարգը կը փոխուէր, եւ Օր. Խաչատուրեանի տեղ Փիլիպպոսեան եղբայրները կ’ընկերակցէին Պ. Օգոստինոսեանի։ Սօբրանօի մը ընկերակցութիւնը աւելի բնական եւ ներդաշնակ պիտի ըլլար հարկաւ Պ. Օգոստինոսեանի պարիթոնի հզօր եւ առնագեղ ձայնին քով, քան թէնօրի մը։
Արեւ, 24 Մայիս 1941, ԻԶ. տարի, թիւ 6815, էջ 3
15
ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՓԱԿ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՕԳՈՍՏՈՍ 1941
ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԱՆԴԷՍ-ՊԱՂՊԱՂԱԿԱՍԵՂԱՆ
16
Յայտարարութիւն Արեւ, 30 Օգոստոս 1941, ԻԶ. տարի, թիւ 6898, էջ 3
ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԱՆԴԷՍ ՄԸ (հատուած)
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Օր. Գ. Խաչատուրեան երկու մեներգներով, Պ. Նուպար Սուալեան եւ իր ընկերը` կիթառի եւ մանտօլինի վրայ քանի մը կտորներու նուագումով եւ Պ. Արայ Սեւյօնքեան` իր Օրուան լուրերու ընթերցումով։
Արեւ, 12 Սեպտեմբեր 1941, ԻԶ. տարի, թիւ 6909, էջ 2
17
ԼԻՍԷ ՖՐԱՆՍԷԻ ՍՐԱՀ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1941 ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
(Գոհար Խաչատուրեանի առաջին երգահանդէսը)
18
Յայտարարութիւն Արեւ, 6 Դեկտեմբեր 1941, ԻԶ. տարի, թիւ 6980, էջ 3
19
ՕՐ. Գ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԸ
Յ. Թ.
Մեր նորահաս երգչուհիներէն Օր. Գոհարիկ Խաչատուրեան, անցեալ կիրակի Լիսէ Ֆրանսէի սրահին մէջ հայ եւ օտար երաժշտասէր ունկնդիրներու առջեւ տուած իր առաջին երգահանդէսով ներս կը մտնէր Գահիրէի երաժշտական կեանքէն, իր բացառիկ ձայնին շնորհիւ գեղեցիկ տեղ մը գրաւելով հոն։ Ծանօթ է Օր. Խաչատուրեան հայ թէ օտար շրջանակներուն։ Մօտ երկու տարիէ ի վեր ան կը մեներգէ Գահիրէի ձայնասփիւռէն եւ միշտ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուած ու գնահատուած են իր երգեցողութիւնները։ Ան հանրութեան ներկայացաւ երկար փորձերէ ու լուրջ ինքնամշակումէ վերջ` երաժշտական նուրբ ճաշակով եւ իմացումով օժտուած երգչուհիի մը տպաւորութիւնը թողլով ներկաներուն վրայ։ Խաչատուրեանի զիլ ձայնը երբեմն այնքան կը տարածուի ու կը բարձրանայ որ սոբրանօ սիւրէկիւ ձայնի կը փոխուի, ինչ որ հազուագիւտ է եւ հետեւաբար նոր կարելիութիւններու հորիզոն մը կը բանայ իր առջեւ` ընտրուած որոշ կտորներու մեկնաբանութիւնը աւելի հմայքով եւ հարազատութեամբ արտայայտելու տեսակէտէն։ Երբ ձայնը կը սկսի հետզհետէ բարձրանալ անճիգ եւ դաշնաթաւալ ընթացքով մը, ան բիւրեղի նման պայծառ ու հնչուն կը դառնայ, թեթեւ բայց տաք ու թափանցող յուզականութեամբ մը վարակելով մթնոլորտը։ Այդ ձայնը գիտէ թովիչ խաղերով եւ ելեւէջներով ճախրել ու սաւառնիլ բարձր նօթերու վրայ։ Հաւատարիմ թարգման իր երգած կտորներուն ձեւին եւ պարունակութեան` Խաչատուրեանի ձայնը կարող է երգահանին ապրած տեւողութիւնը եւ հոգեվիճակները լոյսի բերել։ Յայտագիրը, այլազան ու ճոխ, բաղկացած էր հայկական փոքրաթիւ երգերէ զատ` ֆրանսական, գերմանական եւ իտալական րոմանթիք ու դասական շրջանի երաժիշտներէն։ Առաջին մասը կը սկսէր Մոցարդի Ալելուիա կրօնաշունչ ծանր եղանակով։ Նորվեկիացի` բայց գերմանական րոմանթիկ դպրոցի պատկանող Կրիկի Սոլվէյկի երգը (լիտ) յայտագրին յաջողագոյն կտորն էր, ուր յստակօրէն ի յայտ կուգար հեղինակին գործածած ազգային մոթիվներուն բանաստեղծական նկարագիրը։ Րոսինիի հոյակապ Պարպիէ տը Սէվիլէն քաղուած «Քավաթին տը Րոզին»-ը առինքնող էր ու երգուեցաւ ինքնադրոշմ շեշտերով։ Վէպէրի Էնվիթասիոն ա լա վալսը եւ Սէն-Սանսի Սոխակին երգը իրենց մեղեդիական գեղեցկութիւնը պահեցին։ Օպերի «Մանոնի խնդուքը» զուարթ ու հաճելի ձեւով ներկայացուեցաւ։ Երկրորդ մասը աւելի հետաքրքրական էր իր հայերէն երգերու կարճ շարքով։
20
Ալեմշահի Իմ երգը եւ Նազարեանցի Հոգիս կը տանջէն Օր. Խաչատուրեան մեներգեց քնարական շեշտերով ու զուսպ թախծութեամբ։ Շթրաուսի Թելս ֆրոմ տհը Վին վուտս վալսին մէջ, աւստրիացի երաժիշտին յատուկ մեղեդիական կշռոյթը եւ ինքնատպութիւնը հարազատօրէն մեկնաբանեց օրիորդը։ Ասոնցմէ զատ Օր. Խաչատուրեան մեներգեց ուրիշ կտորներ ալ յաջող եւ վայելուչ ըմբռնողութեամբ մը եւ ջերմօրէն ծափահարուեցաւ բոլոր ներկաներէն։
Արեւ, 20 Դեկտեմբեր 1941, ԻԶ. տարի, թիւ 6992, էջ 3
21
ԼԻՍԷ ՖՐԱՆՍԷԻ ՍՐԱՀ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1942
ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՍ-ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
22
23
ԱՂՈՒՈՐ ՑԵՐԵԿՈՅԹ ՄԸ (հատուած)
ՀՐԱՀԱՏ
Հանդէսը ունեցաւ գեղարուեստական բաժին մըն ալ, մասնակցութեամբ քաղաքիս ծանօթ արուեստագէտներէն եւ արուեստասէրներէն մէկ քանիին – Օր. Նուարդ Տամատեան (դաշնակ), Օր. Գոհարիկ Խաչատուրեան (մեներգ), ՊՊ. Ալպէռ Գրէտեան (ջութակ) եւ Լօրիս Աբրահամեան (մեներգ)։
Արեւ, 10 Հոկտեմբեր 1942, ԻԷ. տարի, թիւ 7239, էջ 3
24
MAISON DES ARTS, ԳԱՀԻՐԷ
ՇԱԲԱԹ, 20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1943
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
26
27
28
ԿՈՄԻՏԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՏԱՆ ՄԷՋ (հատուած)
Ա.
Մեներգները, այնքան յաջող կերպով երգուած Տիկ. Ալիս Բաբազեանէ, Օր. Գոհար Խաչատուրեանէ, Օր. Շաքէ Քէլէեանէ եւ ՊՊ. Արման Օգոստինոսեանէ եւ Էտմօն Փիլիպոսեանէ, խանդավառեցին ներկաները` խմբերգներուն պէս։
Արեւ, 27 Փետրուար 1943, ԻԷ. տարի, թիւ 7354, էջ 3
29
ԼԻՍԷ ՖՐԱՆՍԷԻ ՍՐԱՀ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 4 ԱՊՐԻԼ 1943 ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
30
Յայտարարութիւն Արեւ, 31 Մարտ 1943, ԻԷ. տարի, թիւ 7381, էջ 2
31
ՕՐ. Գ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԸ
ԱՐՄԱՆ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍԵԱՆ
Կիրակի կէսօրէ վերջ, Ֆրանսական Լիսէի Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտահայ յայտնի երգչուհի Օր. Գոհարիկ Խաչատուրեանի երգահանդէսը։ Վստահաբար յաջող ձեռնարկ մըն էր ան, որուն մէջ հայ երգչուհին փայլուն յաջողութիւն մը ունեցաւ անվերապահ գնահատութեան արժանանալով հայ թէ օտար ներկաներէն։ Յայտագրին երկրորդ եւ երրորդ մասերուն վերջաւորութեան, անվերջ «պիս»-երով բեմ կանչուիլը արդէն ցոյց կուտար հանդիսականներու խանդավառութիւնը։ Առաջին մասին մէջ որ նուիրուած էր հին հեղինակներուն, ինչպէս Հէնտէլ, Մոցարդ, Շուման, Մասընէ եւլն., երգչուհին յաջորդաբար կրցաւ զգացնել մեզի` ընտրուած երգերուն գլխաւոր յատկանիշները, զուսպ, հանդարտ եւ մասնաւորաբար քաղցր ձայնով մը, որ կ’արտայայտէր զգացական լուրջ թափանցողութիւն մը։ Երկրորդ մասը, ձօնուած ամբողջապէս հայ երգին, կը պարունակէր երգեր Ալէմշահէ, Կոմիտաս Վարդապետէ, Լիպարիտ Նազարեանցէ եւլն.։ Այս բաժնին մէջ, երգչուհին մասնաւոր զգայնութեամբ մը յաջողեցաւ երգել, մեզ հաղորդութեան մէջ դնելով հայ երգի ինքնուրոյն բնոյթին։ Այս բանին համար բուռն ծափերով գնահատուեցաւ ան, ոչ միայն հայ հանդիսականներէն այլ եւ ստուարաթիւ օտարներէ, որոնց երկարատեւ «պիս»-երը վերստին բեմ բերին եւ երգել տուին Ալէմշահի Իմ երգը։ Յաջողութեամբ երգեց նոյնպէս վերջի բաժնին մէջ Լը ռիռ տ’Առլըքէն եւ Թրավիաթայի ծանօթ բայց դժուարին մեներգներէն մին, որմէ վերջ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը տրուեցաւ երգչուհւոյն անվերջ ծափերու եւ «պիս»-երու յուզիչ աղմուկին մէջ, որպէս գնահատութիւն իր յաջողութեան։ Օր. Գ. Խաչատուրեան, հակառակ յայտնապէս զգածուած ըլլալուն հանդիսականներու կողմէ ցոյց տրուած անկեղծ եւ խանդավառ քաջալերանքէն, չթերացաւ իր կարգին երախտագիտական զգացումներ յայտնելու իր ուսուցչուհւոյն Տիկ. Լ. Ֆէլտմանի` որ ստանձնած էր դաշնակի ընկերակցութիւնը, ծաղկեփունջէն մի քանի վարդեր տալով անոր։ Յետոյ անվերջ ծափերու պարտադրանքին տակ երգեց Կոմիտաս Վարդապետի Հայաստանը, որ իր ունկնդիրներուն համար վերջին վայելք մը եղաւ։ Օր. Գ. Խաչատուրեան որպէս «սօփռանօ լէժէռ» ունի ձայնի զարմանալի ճկունութիւն մը, մասնաւորաբար «ռուլատներու» եւ «էկիւ»-ներու մէջ։ Այս հազուագիւտ կարողութիւնը կրնայ զինք դասել արդի լաւագոյն երգչուհիներու
32
կարգին։ Անուրանալի է իր յառաջդիմութիւնը եւ վստահ ենք թէ յարատեւ աշխատանքով պիտի յաջողի գեղեցիկ ձայնի մը բոլոր յատկանիշներուն տիրանալ։ Ներողամիտ թող ըլլայ, եթէ դիտել տանք իրեն, թէ մասնաւոր խնամքի կը կարօտի իր «առոգանութիւնը» որուն պակասը ամենէն աւելի շեշտուեցաւ իր երգին մէջ։ Նոյնպէս անտեղի պիտի չըլլար թելադրել թէ «սիւր-էկիւ»-ներու մէջ իր ցոյց տուած չափազանցութիւնը, զոր անխոհեմ թերութիւն մը կը նկատենք, պիտի չուշանայ խաթարելու իր երիտասարդ տարիքի փափուկ ձայնը։ «Սիւրէկիւն», որ ձայնական լարերու մասնաւոր պրկումով մը կ’իրագործուի, կը պատճառէ յոգնութիւն մը, որ յաճախակի կրկնումներով կրնայ նոյնիսկ ձայնական լարերու փրթումը պատճառել, ինչպէս պատահած է մեծահռչակ երգչուհի Ճէնի Լինտի, օբէրայի մը ընթացքին։ Կը համարձակինք ըսել այս համեստ թելադրութիւնները մեր սիրելի երգչուհիին, իր արուեստին պահպանման եւ կատարելագործման նպաստելու համոզումով։
Արեւ, 10 Ապրիլ 1943, ԻԷ. տարի, թիւ 7390, էջ 2
33
ԱՐԱՐԱՏ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ, ԳԱՀԻՐԷ ՇԱԲԱԹ, 26 ՅՈՒՆԻՍ 1943 ՍԳԱՀԱՆԴԷՍ
34
Յայտարարութիւն Արեւ, 25 Յունիս 1943, ԻԸ. տարի, թիւ 7454, էջ 2 35
ՍԳԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ (հատուած)
Յ. Թ.
Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ Օր. Գ. Խաչատուրեան մեներգելով Տէր կեցոն եւ Կունոյի Ավէ-Մարիան, Պ. Վ. Յարութիւնեան որ երգեց Կռունկը, եւ Պ. Պ. Կ. Կարապետեան եւ Վ. Նազարեան, որոնք յուզումով արտասանեցին յաջորդաբար Դ. Վարուժանի Դիակի սայլը եւ Սիամանթոյի Կոտորածը։ Բրօֆ. Տ. Բօլեագինի նուագախումբը նուագեց Չայքովսքիի Տխուր երգը եւ Շուպէրթի ԱվէՄարիան։
Արեւ, 3 Յուլիս 1943, ԻԸ. տարի, թիւ 7461, էջ 3
36
ԼԻՍԷ ՖՐԱՆՍԷԻ ՍՐԱՀ, ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱ ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1943 ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
38
Յայտարարութիւն Արեւ, 16 Սեպտեմբեր 1943, ԻԸ. տարի, թիւ 7524, էջ 2
39
ՕՐ. Գ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԸ
Բ. Տ.
Կիրակի, 19 Սեպտեմբեր (կ. վ.) ժամը 5-ին, հայ եւ օտար ընտրեալ հասարակութիւն մը լեցուած էր Լիսէ Ֆրանսէի թատերասրահը` ուր իր առաջին երգահանդէսը պիտի տար դեռատի արուեստագիտուհի Օր. Գ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էր գաղութիս Առաջնորդական Փոխանորդի տեղակալ Գեր. Պսակ վրդ. Թումայեան։ Յայտագիրը կը բաղկանար հաւասարապէս հայ եւ օտար երգերէ, բոլորն ալ ընտրուած կտորներ` մեծանուն երգահաններէ։ Օր. Խաչատուրեանի երեւումը բեմին վրայ ողջունուեցաւ ջերմ ծափերով։ Ան հետզհետէ երգեց Մոցարդի Գիշերուան թագուհին, Շուպէրի Դէպի ո՞ւր, Կոմիտասի Կռունկն ու Հայաստանը, Մելիքեանի Սեւ կաքաւիկը եւայլն։ Աղեքսանդրիահայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով պատեհութիւնը կ’ունենար լսելու զինքը, ուստի խնայելով ամէն աղմուկ` լուռ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ յայտագրի գործադրութեան։ Տիրող կարգապահութիւնը պէտք է ըսել թէ` մեր բարքերուն մէջ իբրեւ բացառիկ ու հազուադէպ երեւոյթ մը` շնորհաւորելի էր. մանաւանդ մեր մէջ գտնուող օտար ունկնդիրներ եթէ նուազ տպաւորուած մեկնեցան նուագահանդէսէն, տարակոյս չունինք որ մեր կարգապահութեան մասին լաւ տպաւորուեցան։ Օր. Խաչատուրեան իր ձայնին հրապոյրը արժեցուց աւելի օտար քան հայերէն երգերու մէջ. իր ձայնական թրթռումներուն ու ելեւէջներուն արագ, ճկուն, դաշնաթաւալ խաղերը եւ յորձանապտոյտ դարձուածքները մեզ այն համոզումին բերին թէ ան` ըստ բաւականի տիրացած էր երգելու արուեստին նրբութեանց։ Իր ձայնը` տպաւորիչ ու հաղորդական` երգին կատարներուն վրայ չկրցաւ բարձրանալ, չկրցաւ թառիլ ու տիրապետել բարձունքներու այնպէս` ինչպէս օժտուած արուեստագիտուհիներ հզօր ու յաղթական կը սաւառնին` ելեքտրականացնելով բազմութիւնները երկար ատեն խոր պակուցումի մը մէջ։ Պէտք է խոստովանիլ սակայն թէ մի քանի կտորներու մէջ յայտնաբերեց ձայնի քնքշութիւն, աղու ու դաշն սաւառնումներով եւ ներկաներու հրաւէրին վրայ հարկադրուեցաւ երգը կրկնել։ Լիսէի ընդարձակ թատերասրահը կարի անյարմար էր իր թեթեւ սոփրանոյի ձայնին. Օր. Խաչատուրեան սալոնի մէջ տալով իր երգահանդէսը` շատ աւելի փայլուն յաջողութիւն մը պիտի կրնար ունենալ։ Օր. Խաչատուրեանի գեղարուեստի այս մարզին մէջ ցոյց տուած համարձակութիւնը գովելի է եւ կը խոստանայ պատուաբեր ապագայ մը` եթէ հետամուտ ըլլայ իր ձիրքերը զարգացնել մեծ արուեստագէտներու ձեռքին տակ։ Ան` հասնե-
40
լու համար արուեստի այն բարձունքին ուրկէ պիտի կրնայ աւելի ջերմ ու փայլուն սփռել իր տաղանդին ճառագայթները եւ հաղորդել մեզ երաժշտութեան քաղցր սփոփանքը` պէտք ունի տակաւին աւելի լայն մշակումի ու հասկացողութեան։ Հասարակութիւնը պէտք է զօրավիգ ըլլայ Օր. Խաչատուրեանի պէս խոստմնալից ուժերու, որպէսզի օր մը անոնք կարենան ներկայանալ մեզի եւ օտարներուն` աւելի յանկուցիչ ու կատարեալ արուեստով մը։
Արեւ, 22 Սեպտեմբեր 1943, ԻԸ. տարի, թիւ 7529, էջ 2
41
ԼԻՍԷ ՖՐԱՆՍԷԻ ՍՐԱՀ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1943
ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
42
43
44
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ (հատուած)
ՍԻՓԱՆ
Ալէմշահի Աղուորներուն համարը եւ Եդուարդ Յակոբեանի Օրօրը ա՛յն երկու կտորները եղան զոր հանրածանօթ երգչուհի Օր. Գոհար Խաչատուրեան իր սօբրանոյի քաղցրալուր ձայնով լսելի ըրաւ մեզի։ Յետոյ, ինք եւ Պ. Օգոստինոսեան իտալական կտոր մը զուգերգեցին։
Արեւ, 23 Հոկտեմբեր 1943, ԻԸ. տարի, թիւ 7554, էջ 3
45
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԳԱՀԻՐԷ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1944 ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ
46
Յայտարարութիւն Արեւ, 5 Յունուար 1944, ԻԸ. տարի, թիւ 7614, էջ 2
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ (հատուած)
Երէկ, հինգշաբթի, 6 Յունուար, Ս. Ծնունդը տօնուեցաւ Գահիրէի մէջ աւանդական շուքով եւ խանդավառութեամբ։ Թէ՛ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին թէ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, իրենց շրջափակներով, լեցուն էին հոծ թիւով հաւատացեալներով։ Ս. Գրիրոր Լուսաւորիչ եկեղեցին պատարագեց եւ քարոզեց Առաջնորդական Փոխանորդ Գեր. Տէր Մամբրէ Եպիսկոպոս։ Ծննդեան երգեցողութիւնները, ղեկավարութեամբ դպրապետ Պ. Ղազարոս Ղազարոսեանի, կատարուեցան դաշն ու մեծահանդէս կերպով։ Սօլօի բաժինները փոխն ի փոխ երգեցին մեր զոյգ դեռատի երգչուհիները` Օր. Արմինէ Զաքարեան եւ Օր. Գոհար Խաչատուրեան, քաղցր, կիրթ ու տպաւորիչ ձայնով։
Արեւ, 7 Յունուար 1944, ԻԸ. տարի, թիւ 7615, էջ 1
47
ԹԱՏՐՈՆ ԷԶՊԷՔԻԷ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՄԱՐՏ 1944
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՄԵԾ ԵՐԵԿՈՅԹ ԵՒ ՊԱՐԻ ՌԷՍԻԹԱԼ
48
Յայտարարութիւն Արեւ, 2 Մարտ 1944, ԻԸ. տարի, թիւ 7662, էջ 2
49
ՀԱՅ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍԻՐԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 10 ՄԱՐՏ 1946
ԵՐԵԿՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
50
Յայտարարութիւն Արեւ, 9 Մարտ 1946, Լ. տարի, թիւ 8277, էջ 3
51
«ԱՆԻ» ՕԹԵԱԿԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ (հատուած)
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
Տեղւոյս Ազատ Որմնադրական «Անի» Հայ Օթեակին իր հաստատման անդրանիկ տարեդարձին առթիւ սարքած երեկոյթ-պարահանդէսը (հովանաւորութեամբ Ն. Վ. Հիւսէյն Սապրի փաշայի) որ տեղի ունեցաւ Մարտ 10-ին Գեղարուեստասիրաց Միութեան Սրահին մէջ, մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Ըստ յայտագրին, հանդէսը բացուեցաւ նախագահ Պ. Էօժէն Բաբազեանի բացման խօսքով։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ մեներգեց ծանօթ տաղանդաւոր երգչուհի Օր. Գոհարիկ Խաչատուրեան, արտասանեց Օր. Մ. Կարապետեան, նուագեց (դաշնակ) Օր. Ս. Սանտալճեան, մեներգեց ծանօթ երգիչ Պ. Ա. Օգոստինոսեան եւ զուգերգեցին Օր. Գ. Խաչատուրեան եւ Պ. Օգոստինոսեան։ Ամէնքն ալ լաւապէս սատարեցին իրենց բաժինները եւ արժանացան երկար ծափերու։
Արեւ, 29 Մարտ 1946, Լ. տարի, թիւ 8294, էջ 2
52
ՀԱՅ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍԻՐԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 7 ԱՊՐԻԼ 1946 ՄԵԾ ՀԱՄԵՐԳ
54
Յայտարարութիւն Արեւ, 30 Մարտ 1946, Լ. տարի, թիւ 8295, էջ 3
55
ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՕՓԵՐԱ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՄԱՅԻՍ 1946 ՄԵԾ ՀԱՄԵՐԳ
56
Յայտարարութիւն Արեւ, 27 Ապրիլ 1946, Լ. տարի, թիւ 8318, էջ 3
57
ՀԱՅ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍԻՐԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՄԱՅԻՍ 1946
31-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻՆ
58
Յայտարարութիւն Արեւ, 27 Ապրիլ 1946, Լ. տարի, թիւ 8318, էջ 3
ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻՆ 31-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ (հատուած)
Ե. Չ.
«Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Պ. Ղ. Ղազարոսեանի, երգեց հայրենասիրական կտորներ։ Մեներգեցին Օր. Գ. Խաչատուրեան, Պ. Պ. Գ. Փարթամեան, Հ. Ֆրունճեան եւ Ժ. Սեւտայեան։ Բոլորն ալ մեծ յաջողութիւններ արձանագրեցին եւ արժանացան ջերմ ծափերու։
Արեւ, 15 Մայիս 1946, ԼԲ. տարի, թիւ 8332, էջ 2
59
ՀԱՅ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍԻՐԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 10 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1946
ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՄԱՆ ՄԵԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
60
61
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍԻՐԱՑԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ (հատուած)
Մ. Պ.
Շնորհալի սօբրանօ Օր. Գ. Խաչատուրեան եւ համակրելի պարիթօն Պ. Ա. Օգոստինոսեան փոխն ի փոխ մեներգներով թէ զուգերգով, քաղուած Տօնիձէթթիի Լուչիա տի լամերմուր օբերայէն, իրենց ձայնական ամբողջ ճոխութիւնը, թեքնիքը եւ նրբին երանգաւորումը ի գործ դրին այնքան յաջող կերպով, Օր. Մ. Օգոստինոսեանի համընթաց դաշնակի ընկերակցութեամբ։
Արեւ, 21 Նոյեմբեր 1946, ԼԲ. տարի, թիւ 8491, էջ 2
62
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՍՐԱՀ, ԳԱՀԻՐԷ ՇԱԲԱԹ, 21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1946
ՀԲԸՄ ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
64
Յայտարարութիւն (սկիզբ) Արեւ, 19 Դեկտեմբեր 1946, ԼԲ. տարի, թիւ 8515, էջ 2
65
Յայտարարութիւն (շար.)
66
ԼԻՍԷ ՖՐԱՆՍԷԻ ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀ, ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱ ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1947 ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
68
Յայտարարութիւն Արեւ, 28 Յունուար 1947, ԼԲ. տարի, թիւ 8547, էջ 2
69
ԷՈՒԸՐԹ ՄԵՄՈՐԻԱԼ ՀՈԼ, ԳԱՀԻՐԷ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1947 ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
70
Յայտարարութիւն Արեւ, 22 Փետրուար 1947, ԼԲ. տարի, թիւ 8569, էջ 3
71
ԼԻՍԷ ՖՐԱՆՍԷԻ ՍՐԱՀ, ԳԱՀԻՐԷ ԿԻՐԱԿԻ, 11 ՄԱՅԻՍ 1947
ՅՈԲԵԼԻՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՇԱՀԱՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ
72
Յայտարարութիւն (սկիզբ) Արեւ, 3 Մայիս 1947, ԼԲ. տարի, թիւ 8627, էջ 3
73
74
Յայտարարութիւն (շար.)
Շ. Ռ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԻՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ (հատուած)
Ս. Պ.
«Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Պ. Լ. Փիլիպպոսեանի, եւ մեներգողներ Օր. Գ. Խաչատուրեան եւ Ա. Գարաճեան, իրենց փայլուն մասնակցութեամբ ներկայացուցին յոբելեարին երաժշտական գործերը։
Արեւ, 15 Մայիս 1947, ԼԳ. տարի, թիւ 8637, էջ 2
75
ՕԼ ՍԷՅՆԹՍ ԵԿԵՂԵՑՈՒՈՅ ՍՐԱՀ, ԳԱՀԻՐԷ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 13 ՄԱՅԻՍ 1947 ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
76
ՕՐ. Գ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՕԼ ՍԷՅՆԹՍԻ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Անցեալ երեքշաբթի, 13 Մայիս երեկոյեան ժամը 9-ին, քաղաքիս ծանօթ երգչուհիներէն Օր. Գոհար Խաչատուրեան (սօբրանօ), Միւզիք էնտ տհը Արթս օտար արուեստասէրներու ընկերակցութեան Օլ Սէյնթս եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպած համերգին ունեցած է փայլուն յաջողութիւն մը, արժանանալով ներկաներուն ջերմ գնահատանքին։ Օրուան յայտագիրը գործադրուած է ամբողջութեամբ եւ տպաւորիչ կերպով։
Արեւ, 16 Մայիս 1947, ԼԳ. տարի, թիւ 8638, էջ 2
77
ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, ԳԱՀԻՐԷ (ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ) ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1947 ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ Ա. ԵՐԵԿՈՅԹ
78
Յայտարարութիւն Արեւ, 25 Նոյեմբեր 1947, ԼԳ. տարի, թիւ 8800, էջ 2
79
ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, ԳԱՀԻՐԷ (ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ) ԿԻՐԱԿԻ, 1 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1948
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ Բ. ԵՐԵԿՈՅԹ
80
Յայտարարութիւն Արեւ, 28 Յունուար 1948, ԼԳ. տարի, թիւ 8853, էջ 2
81
ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, ԳԱՀԻՐԷ (ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ) ԿԻՐԱԿԻ, 14 ՄԱՐՏ 1948
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ-ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ Բ. ԵՐԵԿՈՅԹ
82
Յայտարարութիւն Արեւ, 11 Մարտ 1948, ԼԳ. տարի, թիւ 8890, էջ 2
83
ԷՈՒԸՐԹ ՄԵՄՈՐԻԱԼ ՀՈԼ, ԳԱՀԻՐԷ ՇԱԲԱԹ, 22 ՄԱՅԻՍ 1948
ՀԱՆԴԷՍ-ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ Հ.Բ.Ը.ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 42-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ
84
Յայտարարութիւն Արեւ, 15 Մայիս 1948, ԼԴ. տարի, թիւ 8944, էջ 3
85
Հ. Բ. Ը. ՄԻՈՒԹԵԱՆ 42-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԷՍԸ (հատուած)
Մ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Տիկին Գոհար Գասպարեան իր շնորհալի ձայնով ներկաները հմայեց հետեւեալ մեներգներով. Ալէմշահի Աղուորներուն համարը եւ Իմ երգը, Մեսումենցի Գարունը, Վանանդեցիի Հայաստանը։
Արեւ, 29 Մայիս 1948, ԼԴ. տարի, թիւ 8956, էջ 3
86
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ՋԱՀԱԿԻՐ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ Յաւելուած Ա. Չորս հարցազրոյց Հրանդ Տինքի հետ
2016
Յաւելուած Բ. Հայր Լեւոն Զէքիեան, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակ` յիշողութիւն եւ մարտահրաւէր (դասախօսութիւն) Յաւելուած Գ. Թէոդիկի նամակները Արարատ Քրիսեանին, խմբագիր` Հ. Աւագեան
Յաւելուած Դ. Հայկ Աւագեան, Փարիզի Քոմիւնը, Կայսրութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը. մարքսիսթական-անարշիսթական ընթերցում մը
2017
Յաւելուած Ե. Papasian & Co. երաժշտական ընկերութիւնը (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան
Յաւելուած Զ. Աղեքսանդրիոյ հայկական երաժշտական կեանքի ուրուագիծ (ըստ ազդագիրներու եւ յայտագիրներու), հաւաքեց` Հ. Աւագեան
Յաւելուած Է. Խմբավար եւ երաժշտահան Հայկ Սարգիսեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան ուրուագիծ (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան Յաւելուած Ը. Դաշնակահար եւ մանկավարժ Նուարդ Տամատեանի կեանքի ուղեգրութիւնը (ըստ վաւերաթուղթերու եւ փաստագրութիւններու), հաւաքեց եւ պատրաստեց` Հայկ Աւագեան
Յաւելուած Թ. Ուրուագիծ Գոհար Գասպարեանի Եգիպտոսի շրջանի գործունէութեան (1940-1948), պատրաստեց` Հայկ Աւագեան
88