սարոյեանը՝ հայերէնով երկու պատմուածքներ
2015
պատմուածքներու թարգմանութիւն՝ Ռուբէն Ճանպազեանի խմբագրութիւն՝ Եփրեմ Թոքճեանի գիրքի եւ պատկերներու ձեւաւորում՝ Ռուբէն Ճանպազեանի կողքի ձեւաւորում՝ Պարեդ Սարմազեանի © Սօսէի եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնադրամը © Sosé & Allen's Legacy Foundation
Եօթա Ե անասո ուն հա ազար ասորի ա իներ եււ
Հ Հինգ հասու հ ւն տա անձեր ր
Բովանդակութիւն 7
Փոխան յառաջաբանի, Ռուբէն Ճանպազեան
9
Ուիլիըմ Սարոյեան - Գրող, թատերագիր եւ մարդասէր (19081981), Փոլ Գալինեան
15
Եօթանասուն հազար ասորիներ, 1934
41
Հինգ հասուն տանձեր, 1939
Սոյն հատորը կը ձօնեմ գաղափարակից ընկերներուս՝
Սօսէի եւ Ալէնի անթառամ յիշատակին...
«Խենթեր էիք դուք, Չակերտեալ խենթեր, Մինչ խելօքներս կը մտածէինք՝ Անցաք դուք այդ գետն անտէր...» Ռ.Ճ.
Փոխան յառաջաբանի Սարոյեանի գրականութեան առաջին անգամ ծանօթացայ հայերէն լեզուով: Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի եօթներորդ կարգի աշակերտ էի երբ «Անունս Արամ Է» պատմուածքներու հաւաքածոն կարդացինք հանդերձ դասարանով: Գիրքը թարգմանութիւնն էր Մ. Համբարձումեանի, որ բծախնդրօրէն թարգմանած էր Սարոյեանի յայտնի հատորը: Եթէ մեր ուսուցիչը մեզի չբացատրէր թէ Սարոյեան անգլերէն լեզուով գրած էր, երբեք պիտի չանդրադառնայի: Տողերը հայաշունչ էին եւ հարազատ: Կարդալու առաջին իսկ օրէն զիս գրաւած էր Սարոյեանը: Ես թարգմանիչ չեմ, ոչ ալ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած եմ հայերէն լեզուով. պարզապէս որոշեցի այս երկու նախասիրած կարճ պատմըւածքները հայերէնի թարգմանել: Վստահ եմ որ երկուքն ալ թարգմանուած են ասկէ առաջ, սակայն ուզեցի ես ալ փորձ մը կատարել: Թարգմանած եմ պարզ ու համեստ իմ լեզուով, որ վստահաբար հասկընալի կ’ըլլայ բոլորին: Փափաքս է որ տարեկիցներս ու սերնդակիցներս կարդան այս հատորը, ու հայ լեզուն ու գրականութիւնը քիչ մը եւս հետաքրքրեն զիրենք:
7
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, այս հատորը եւս մէկ փաստ է որ հայը ոչ միայն կ’ապրի եւ կը գոյատեւէ, այլ` կառչած կը մնայ իր լեզուին: Հայութեան գոյութիւնը ապահովող գլխաւոր ազդակներէն ամենէն կարեւորը կը հանդիսանայ հայ լեզուն, որուն միջոցով կը պաշտպանուի հայոց գրականութիւնը, մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը: Եւ եթէ սփիւռքի մէջ կ’ուզենք գոյատեւել, հարկ է անդրադառնալ թէ մեր լեզուն պահպանելով պիտի ըլլայ այդ մէկը: Սարոյեան հետեւեալը ըսած է. «Ես անգլերէն կը գրեմ. ոգին, սակայն, որ զիս կը մղէ գրելու, հայոց ոգին է: Ուրեմն եւ` հայ գրող եմ»: Եւ իսկապէս այդպէս է Սարոյեան: Բարի վայելում...
Ռուբէն Ճանպազեան
8
Ուիլիըմ Սարոյեան Գրող, թատերագիր եւ մարդասէր (1908-1981) Ուիլիըմ Սարոյեան, միջազգային համբաւի տիրացած ամերիկահայ գրող, թատերագիր, մարդասէր եւ ազգասէր անձ մըն էր: Իր համբաւը, ինչպէս նաեւ իր մնայուն յաջողութիւնը իբր գրող, ծագում կ’առնէ 1930ական թուականներուն: Տակաւին մինչեւ այսօր մեզ կը հմայեն եւ կը յուզեն իր գործերը հարիւրաւոր պատմուածքներով, թատրերգութիւններով, վէպերով, ոտանաւորներով եւ յուշագրութիւններով: Միլիոնաւոր ընթերցողներ զուարճացուց եւ վերացուց անոնց հոգիները: Սարոյեանի տաղանդը առաջին անգամ ըլլալով յայտնի եղաւ Պոսթըն հրատարակուող «Հայրենիք» թերթի միջոցով: 1934-ին, 26 տարեկանին, Ուիլիըմ Սարոյեան կայծակի նման ցնցեց գրական աշխարհը իր առաջին հատորի հրատարակութեամբ` «Խիզախ Պատանին Թռչող Լարախաղի Վրայ» վերնագրով: Ինչպէս նաեւ` 1939-ին, Պրոտուէյի վրայ յաջողութիւն գտած իր առաջին թատրերգութիւնը` «Իմ Սիրտը Լեռներուն Մէջ Է», վերնագրով: Նոյն տարին, Սարոյեան եղաւ առաջին ամերիկացի գրողը որ արժանացաւ թէ՛ Թատերախաղի Քննադատներու Շրջանակի մրցանակին, եւ թէ՛ Փիւլիցըր Մրցանակին` «Կեանքիդ Ժամանակը» թատրերգութեան համար: Սարոյեան մերժեց ստանալ Փիւլիցըր Մրցանակը, առարկելով 9
թէ «առեւտուրը պէտք չէ որ արուեստը հովանաւորէ» եւ աւելցուց` «այս գործս ուրիշ գործերէս աւելի լաւ կամ մեծ չէ»: Սարոյեան անզուգական գրող մըն է: Հաւատացած է որ Սէն Ուագին Հովիտը եւ հայ մշակոյթը կարեւոր աղբիւրներ հանդիսացած են իր գրական ներշնչանքին: Յատկապէս նշմարելի է այս երեւոյթը «Անունս Արամ Է» ժողովածուին մէջ, որ 1940-ին ընտրուեցաւ ամսուայ լաւագոյն գիրքերէն մին, որ գրողին մօրը նուիրուած է եւ Էմ. Ճի. Էմ.-ի կողմէ վերածուած է ֆիլմի, արժանանալով Շարժանկարի Կաճառի Մրցանակին, Օսքար` Լաւագոյն Պատմուածքին համար: 1943-ի Փետրուարին, 35 տարեկան Ուիլիըմ Սարոյեան կ’ամուսնանայ 18 տարեկան դերասանուհի Քէրըլ Մարքըսին հետ: Պսակը տեղի կ’ունենայ Օհայօ նահանգի Տէյթըն քաղաքին մէջ: Անոնք կը բախտաւորուին 2 զաւակներով. Արամ` ծնած 1944-ին, եւ Լուսի` ծնած 1946-ին: Վեց տարուայ ամուսնութենէ ետք կ’ամուսնալուծուին: 1951-ին, նոյն կնոջը հետ կրկին ամուսնանալէ ետք, դարձեալ կ’ամուսնալուծուին, երկրորդ եւ վերջին անգամ ըլլալով: Ուիլիըմ Սարոյեան մեծ ժողովրդականութիւն շահեցաւ 1930-ական, 40ական եւ 50-ական թուականներուն: Իր ժամանակաշրջանին հրատարակած է 60-է աւելի գիրքեր: Իր գործերը թարգմանուած են աւելի քան 24 լեզուներու եւ ծախուած են միլիոններով:
10
Սարոյեանը լիովին ըմբոշխնելու համար թէ՛ իր արձակի եւ թէ՛ իր թատերախաղերու մէջ` պէտք է որ իրեն «հետը» ըլլաս: Սա որոշ ճիգի կը կարօտի, սակայն անգամ մը որ իրեն հետը եղար, քու չգտնուած տեղերը կրնայ տանիլ քեզ: Սարոյեան կը գրէ մարդասիրաբար, ուժգնութեամբ եւ անդուլ խանդավառութեամբ: Իր գլխաւոր նիւթերն են տենչանք, յոյս եւ պարկեշտութիւն: Նիւթապաշտութիւնն ու համբաւը նշանակութիւն չունին իրեն համար: Իր գործերը կու գան փաստելու բոլոր ժողովուրդներու, յատկապէս խոնարհներու եւ միամիտներու հիմնական բարութիւնն ու կեանքի արժէքը: Անգամ մը դիտել տուաւ, թէ գրելը իրեն համար անհրաժեշտ էր «որովհետեւ չեմ ուզեր հաւատալ որ հիւանդ եմ կամ կէս մեռած, կ’ուզեմ լաւագոյնը ըլլալ, որովհետեւ իմ բուժումս գրել է»: Իր կենդանութեան օրօք վերջին հրատարակուած «Մահազդներ» հատորին մէջ գրեց. «Գործս գրել է, սակայն իսկական գործս ըլլալ է»: Սարոյեան հայերուն համար խօսեցաւ աշխարհին: Միջազգային ճանաչում տուաւ իր ժողովուրդին այն ժամանակ, երբ հայերը ցրուած էին եւ խտրութեան ու ատելութեան կը հանդիպէին շարունակ: Իր գրականութեան միջոցով Սարոյեան հայ ժողովուրդի, մշակոյթի եւ առաքինութիւններու մասին աւելի լուսաբանեց հանրային կարծիքը` քան որեւէ անձ հայոց պատմութեան մէջ: Միջազգային չափանիշով` հայ ժողովուր-
11
դի ծոցէն ելած ամենէն նշանաւոր գրական դէմքը կը հանդիսանայ Սարոյեանը: Ուիլիըմ Սթօնհիլ Սարոյեան, ծնած է Ֆրէզնօ, Գալիֆորնիա, Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 1908-ին: Չորրորդ զաւակն էր քարոզիչ եւ բանաստեղծ` Պիթլիսէն գաղթած Արմենակ եւ Թագուհի Սարոյեաններու: Կը մահանայ քաղցկեղէ` Երկուշաբթի, 18 Մայիս 1981-ին` 72 տարեկանին, իր ծնած տեղէն մէկ մղոն հեռու: «Ամէն մարդ պէտք է մեռնի», կ’ըսէր, «սակայն միշտ հաւատացած եմ թէ ես բացառութիւն պիտի կազմէի: Հիմա ի՞նչ»: Ուիլիըմ Սարոյեան մահացաւ, արուեստագիտական շրջանը վերջ գըտաւ: Ան սիրեց Ամերիկան, բայց չմոռցաւ Հայաստանը: Սարոյեան ուզեց որ իր սիրտը հայկական բարձրաւանդակին մէջ ըլլայ: Իր մահուընէ տարի մը ետք, դիակիզուած աճիւններուն կէսը հանգստացաւ Հայաստանի մայրաքաղաք` Երեւանի Մեծերու Պանթէոնին մէջ, իսկ միւս կէսը` յետագային թաղուեցաւ Արարատ գերեզմանատան մէջ, Ֆրէզնօ, Գալիֆորնիա: 22 Մայիս 1991-ին, Ուիլիըմ Սարոյեան առաջին անձը եղաւ որ մեծարուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան թղթատարական գործակալութեանց կողմէ իրենց հրատարակած յիշատակի դրոշմաթուղթերու շնորհիւ: Հրատարակութեան առաջին օրուայ
12
հանդիսութիւնները միաժամանակ տեղի ունեցան Ֆրէզնօ, Գալիֆորնիա, եւ Երեւան, Հայաստան:
Փոլ Գալինեան Լուսանկարիչ Փոլ Գալինեան բախտը ունեցած էր մօտէն ծանօթանալու եւ շփում ունենալու մեծանուն հայ գրագէտին հետ: Գալինեան լուսանկարած է Սարոյեանի յատկանշական դիմանկարներու շարք մը, որոնցմէ մին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան դրոշմաթուղթերու սպասարկութեանց կողմէ որպէս մարդասիրական յիշատակութեան խորհրդանշան, երկու պետութիւններու միջեւ ստեղծուած բարեկամութեան առթիւ:
13
Եօթանասուն հազար ասորիներ 1934 Քառասուն օրերէ ի վեր մազերս չէի սափրած ու սկսած էի նմանիլ անգործ ջութակահարի մը: Գիտէք այդ տեսքը՝ հանճարեղ խենթի մը, որ մոլին դարձած էր թմրեցուցիչներու ու պատրաստ էր Համայնավար կուսակցութեան անդամագրուելու: Մենք, Փոքր Ասիոյ բարբարոսները, մազոտ ժողովուրդ մըն ենք. երբ ժամանակը կը հասնի սափրուելու՝ կացութիւնը լուրջ է: Այդքան քէշ էր վիճակս, որ ունեցած միակ գլխարկս ալ չէր բաւեր գլխուս: (Այս գրածս շատ լուրջ պատմութիւն մըն է, հաւանաբար ամենալուրջը՝ որուն մասին գրած եմ: Ճիշդ այդ պատճառով է որ անխորհրդաբար կը գրեմ այս բոլորը: Շերուուտ Էտըրսոն կարդացողները շուտով կը հասկնան ըսածս. կը տեսնեն թէ խնդուքս իրականութեան մէջ բաւական տխուր է): Սափրուելու կարօտ երիտասարդ մըն էի, ուրեմն ուղղուեցայ դէպի Թըրտ Սթրիթի (Սան Ֆրանսիսքօ) սափրիչներու գոլէճը, ուր տասնըհինգ սենթնով կը սափրէին: Թըրտ Սթրիթը, Հաուըրտին ներքեւը, տիսթրիքթ մըն է, ինչպէս Պաուրին՝ Նիւ Եորքի մէջ, կամ Լոս Անճելըսի Մէյն Սթրիթը: Մեծ ու փոքր՝ բոլորը անգործ, Պըլլ Տըրըմ սիկարէթները իրենց բերնին, անպէտք կը թափառէին ու կառավարութեան մասին դժգոհելով՝ աննպատակ կը սպասէին որ բան մը պատահէր: Երկուշաբթի առաւօտ մըն էր, ամիսը՝ 15
Օգոստոս, եւ փողոցայինները խուժած էին սափրիչի գոլէճը՝ իրենց տեսքը կարգի դնելու: Ճափոնցի տղան, որ ազատ աթոռին շուրջ կ’աշխատէր, տասնըմէկ յաճախորդնոց շարք մը ունէր. միւս բոլոր աթոռները զբաղ էին: Նստեցայ ու սկսայ սպասել: Դուրսը, ինչպէս Հեմինկուէյը կ’ըսէր, սափրուիլը երկու տոլար կ’արժէր: Ես քսան սենթ եւ կէս փաքէթ սիկարէթ ունէի գրպանս: Սիկարէթ մը փաթթեցի, փաքէթը քովս նստած նիքոթինի կարօտ երիտասարդին յանձնեցի, եւ չոր ծուխը շնչեցի ու սկսայ մտածել Ամերիկայի քաղաքական, տնտեսական եւ բարոյական հարցերուն մասին: Երիտասարդը տասնըվեց տարեկան էր: Տեսքէն յայտնի էր որ Այօուայէն էր: Համակրելի էր. պինդ ամերիկացի տղայ մը: Բայց յայտնի էր որ մելամաղձոտ էր եւ տխուր: Քիչ քնացած էր, օրերէ ի վեր հագուստները չէր փոխած ու անվախ տեսք մը ունէր: Շատ կ’ուզէի անոր անունը գիտնալ: Գրողը միշտ դէմքերու եւ դէպքերու պատմութիւնը կ’ուզէ գիտնալ: — Սալինասէն նոր եկայ: Հազարի պարտէզներուն մէջ ալ գործ չկայ: Հիւսիս պիտի երթամ հիմա, դէպի Փորթլընտ: Այնտեղ կը զինուորագրուիմ ու կը ղրկեն զիս, — ըսաւ տղան: Կ’ուզէի իրեն իմ պատմութիւնս պատմել, թէ ինչպէս գրութիւններս Սկրիպրըրզն ու Եէյլ Ռիվիուն մերժած էին, թէ ինչպէս շնորհքով սիկարէթ գնելու դրամ չունէի գրպանս, մաշած կօշիկներուս եւ հագուստներուս մասին կ’ուզէի խօսիլ. բայց չուզեցի իմ թշուառութիւններս մեծ 16
Մեծ ու փոքր՝ բոլորը անգործ, Պըլլ Տըրըմ սիկարէթները իրենց բերնին, անպէտք կը թափառէին ու կառավարութեան մասին դժգոհելով՝ աննպատակ կը սպասէին որ բան մը պատահէր:
հարցի վերածել: Գրողին թշուառութիւններն ու դժբախտութիւնները միշտ ձանձրանալի կ’ըլլան ու անհաւատալի: Մարդիկ հարկաւ միշտ կը հարցնեն. «Է՜հ, ո՞վ քեզի պարտադրեց որ գրես»: Մարդ պէտք է ձեւացնէ որ գրող չէ: — Ճանապարհիդ յաջողութիւն կը մաղթեմ, — ըսի տղուն: Գլուխը աջ-ձախ շարժեց: — Հոգ չէ, փորձէ. կորսնցնելիք չունիս, — ըսի: Լաւ տղայ էր. յուսամ տակաւին ողջ է... յուսամ չսառեցաւ: Շատ ցուրտ Դեկտեմբեր մըն էր այն տարին: Յուսամ չինկաւ. կեանքի արժանի տղայ մըն էր: Այօուա, յուսամ գործ կը գտնես Փորթլընտի մէջ. յուսամ շնորհքով ապրուստ մը կրնաս ձեռք ձգել. յուսամ աղուոր, մաքուր սենեակ մը վարձած ես՝ տաքուկ անկողինով մը: Յուսամ լաւ կը քնանաս, լաւ կ’ուտես եւ ուրախ ես: Այօուա, լաւագոյն մաղթանքներս կը ղրկեմ քեզի: Բազմաթիւ աղօթքներ արտասանած եմ քեզի համար: (Ինչ օգուտ... վստահաբար մինչեւ հիմա մեռած է: Յայտնի էր այդ օրը որ տեսայ զինք, այդ տխուր դէմքը: Ու մինչ դրամատէր մարդիկ Ամերիկայի չորս կողմը տաքուկ սինեմաներ կ’երթան ու կը խնդան, Այօուաներու նման երիտասարդ չքաւորներ էշ նահատակ կ’երթան: Ես շատ աղօթած եմ Այօուա18
յին համար, այո՛, եւ ճիշդ այդ պատճառով ես ինծի վախկոտ կը սեպեմ: Մինչեւ հիմա ան մեռած է, ու ես այս պզտիկ սենեակին մէջ միայն կը խօսիմ իր մասին... միայն կրնամ խօսիլ): Սկսայ դիտել ճափոնցի տղան, որ սափրիչ ըլլալու արուեստը կը սորվէր: Ան դժբախտի մը տգեղ դէմքը կը սափրէր: Իսկապէս ահռելի տգեղ դէմք մը ունէր այս մարդը ու սոսկալի հոտ մը կու գար իրմէ: Այդքա՜ն գէշ էր հոտը, որ ճափոնցի տղան անընդհատ կը փորձէր իր քիթը հեռու պահել դժբախտէն: Այս բոլորը չնչին, անկարեւոր կէտեր են մեծ պատմութեան մէջ, տեղեկութիւններ՝ որ արուեստի հետ երբեք կապ չունին: Այնուամենայնիւ, կը գրեմ այս բոլորը: Երիտասարդ գրողը միշտ վախի մէջ է որ կարեւոր տեղեկութիւն մը կրնայ դուրս ձգել: Միշտ կ’ուզէ թուղթի վրայ արձանագրել ամէն ինչ որ տեսնէ: Լաւագոյն օրինակը Անտրու Մելընն է: Կը դիտէի ճափոնցի տղան ամենայն զգուշութեամբ: Կ’ուզէի հասկնալ թէ արդեօք ի՞նչ կը մտածէր ան: Տարիներ առաջ, երբ տասնըեօթ տարեկան էի, Սան Ուաքին Վալիին մէջ հօրեղբայրս պարտէզ մը ունէր, ուր որթատունկերը ես կը յօտէի: Բազմաթիւ ճափոնցիներ հետս կ’աշխատէին. Իոշիօ Էնոմոթօ, Հիտէօ Սուզուքի, Քաթսումի Սուճիմոթօ, եւ մէկ կամ երկու ուրիշներ: Այս ճափոնցիները մի քանի կարճ նախադասութիւններ սորվեցուցած էին ինծի. «Բարեւ», «Ինչպէ՞ս ես», «Ինչ լա՜ւ օր է», «Այդպէս չէ», «Ցտեսութիւն»,
19
Կ’ուզէի իրեն իմ պատմութիւնս պատմել, թէ ինչպէս գրութիւններս Սկրիպրըրզն ու Եէյլ Ռիվիուն մերժած էին...
եւ այլն: Ճափոնցի տղուն ճափոներէնով հարցուցի թէ ինչպէ՞ս էր: ճափոներէնով պատասխանեց. — Շատ լաւ, շնորհակալութիւն, — ըսաւ ու անմիջապէս կատարեալ անգլերէնով շարունակեց, — Ճափոներէ՞ն գիտես: Այնտե՞ղ ապրած ես: — Դժբախտաբար, ոչ: Միայն մէկ-երկու բառ գիտեմ, — ըսի ու շարունակեցի: — Ժամանակին Իոշիօ Էնոմոթօ, Հիտէօ Սուզուքի, Քաթսումի Սուճիմոթօ անունով ճափոնցիներու հետ կ’աշխատէի. արդեօք կը ճանչնա՞ս: Տղան շարունակեց գործը, փսփսալով տրուած անունները: — Սուզուքի. պզտիկ մարդ մըն էր, չէ՞: — Այո՛: — Կը ճանչնամ: Ամուսնացաւ ու Սան Հոզէ կը բնակի հիմա, — ըսաւ: Կ’ուզեմ լաւ գիտնաք, թէ խորապէս հետաքրքրուած եմ մարդոց յիշողութիւններով: Երիտասարդ գրողը կը թափառի եւ մարդոց հետ կը խօսի, կը փորձէ հասկնալ թէ մարդիկ ի՞նչ կը յիշեն: Այս կարճ պատմութիւնը զոր կը գրեմ, հետաքրքրական դէպքի մը մասին չէ: Հրաշալի պատմու21
թիւն մը չէ որ կը հիւսեմ... յիշատակելի հերոսներ չեմ ստեղծեր: Սուր կամ տպաւորիչ ոճ մը չէ որ կը գործածեմ, եւ գեղեցիկ մթնոլորտ մը չեմ փորձեր կառուցել: Ոչ մէկ փափաք ունիմ այս գրութիւնը ծախելու Սաթըրտէյ Իվնինկ Փոստին կամ Քոզմոփոլիթընին կամ Հարփըրզին: Նպատակս Սինքլէր Լուիսին կամ Ժոզէֆ Հերկըշարմըրի նման գրագէտներու հետ մրցակցիլ չէ. անոնք իսկապէս կարճ պատմուածքներ գրել գիտեն... պատմուածքներ՝ որոնք արժէք ունին, որոնք կը ծախուին: Անոնք հարուստ մարդիկ են, որոնք կը հասկնան գրելու նրբութիւնները՝ պատմութիւնը ճիշդ ձեւով հիւսելը, յարմար ոճ գործածելը, հերոսներ կազմելը, եւ այլն: Անձնապէս ես նշանաւոր գրագէտ մը ըլլալու որեւէ փափաք չունիմ: Փուլիցըր կամ Նոպէլեան մրցանակները չեն հետաքրքրեր զիս: Նստած եմ հեռաւոր Սան Ֆրանսիսքոյի այս փոքր սենեակին մէջ ու նամակ մը կը գրեմ հասարակ մարդոց՝ հասարակ իմ լեզուով: Միայն գրի կ’առնեմ շուրջի կացութիւնը. ուրեմն եթէ երբեք նիւթէն շեղիմ, ըսել չէ թէ կ’աճապարեմ... պարզապէս գրելու օրէնքները չեմ գիտեր: Որպէս գրող միակ ցանկութիւնս է ցոյց տալ մարդոց հարազատութիւնը: Սա մեծ հաստատում է: Ընդհանրապէս շատեր կ’ամչնան այսպիսի հաստատումներ ընելէ. կը վախնան թէ խելացիները իրենց վրայ կը խնդան: Բայց հոգս չէ. կ’ուզեմ որ խելացիները խնդան վրաս: Ճիշդ այդ պատճառով է որ խելացի են: Ազգութեան կամ կառավարութիւններու չեմ հաւատար: Կեանքը կը տեսնեմ որպէս մէկ կեանք այդ վայրկեանին, ու աշխարհի շուրջ միլիոններ կ’ապրին նոյն ժամանակին: Երե22
Տարիներ առաջ, երբ տասնըեօթ տարեկան էի, Սան Ուաքին Վալիին մէջ հօրեղբայրս պարտէզ մը ունէր, ուր որթատունկերը ես կը յօտէի: Բազմաթիւ ճափոնցիներ հետս կ’աշխատէին...
խաներ, որոնք տակաւին խօսիլ չեն սորված, անոնք են աշխարհի միակ ցեղը... մարդու ցեղը: Միւս բոլորը՝ ինչ որ կը կոչենք «քաղաքակրթութիւն», «ատելութիւն», «վախ», «ուժի տենչանք», բոլորը կեղծիքներ են: Բայց երեխան երեխայ է: Եւ երբ երեխան կու լայ, ա՛յդ է մարդկային հարազատութիւնը: Երբ կը մեծնանք ու կը սորվինք լեզուի բառերը, կը սկսինք աշխարհը տեսնել այդ լեզուով: Ուրիշ լեզուներով չենք դիտեր: Լռութեամբ ալ չենք դիտեր: Մենք զմեզ կը մեկուսացնենք մեր գիտցած լեզուով: Այս երկրին մէջ անգլերէնով (կամ ինչպէս Մենքէնը կը կոչէ՝ «ամերիկերէն»-ով) կը մեկուսանանք: Եթէ մէկ բան ուզէի, այդ ալ խօսիլն է աւելի ընդհանրական լեզուով: Մարդու սիրտը չգրուած մասն է մարդուն, ինչ որ յաւերժական է եւ նոյնը՝ բոլոր ազգութիւններու մէջ: Ու այժմ սկսած եմ յանցաւոր եւ անձեռնհաս զգալ: Այս բոլորը գրած եմ, սակայն ոչինչ ըսած եմ: Ու ճիշդ այս է որ երիտասարդ գրողը կը խենթացնէ, այդ զգացումը՝ որ ոչինչ ըսուած է: Որեւէ սովորական լրագրող կրնար այս բոլորը երեք բառով ամփոփել: «Մարդը մարդ է» կ’ըսէր ան...: Խելացի խօսք մը՝ անվերջ հետեւանքներով: Սակայն ես կ’ուզեմ լեզու մը գործածել, որ միայն մէկ հետեւանք կը ստեղծէ: Կ’ուզեմ որ իմաստը ըլլայ ճշգրիտ, եւ հաւանաբար այդ պատճառով լեզուներու հասկացողութիւնը այդքան անճշգրիտ է: Նիւթիս եւ նպատակիս շուրջ կը դառնամ որպէսզի ամբողջ պատկերը տեսնեմ՝ ամբողջութեան պատկերը: Մարդու սիրտն է՝ որուն մասին կ’ակնարկեմ այս գրութիւնովս: 24
Լաւ. անգամ մը եւս փորձեմ: Շատոնց է մազերս չէի սափրած եւ սկսած էի թափթփած երեւիլ, ուրեմն Թըրտ Սթրիթի վրայ գտնուող սափրիչներու գոլէճը գացի, նստեցայ աթոռին վրայ ու ըսի. — Ետեւը շատ մի կտրեր. նեղ գլուխ մը ունիմ եւ եթէ ետեւը շատ կտրես՝ ձիու կը նմանիմ: Վերի մասը ուզածիդ չափ կտրէ: Ջուր-մուր մի դներ. չոր սանտրէ: Կարդալը մարդս կը զարգացնէ, իսկ գրելը՝ մարդուն կը սորվեցնէ աւելի ճշգրիտ ըլլալ: Պատահածը այս էր: Հետաքրքրական պատմութիւն մը չէ, որովհետեւ չեմ խօսած երիտասարդ սափրիչին մասին որ մազերս կը կտրէր: Թուխ ու լուրջ դէմքով բարձրահասակ տղայ մըն էր. Շրթունքներն ու յօնքերը հաստ էին. աչքերը՝ տխուր եւ քիթը՝ մեծ: Իր անունը տեսայ հայելիին վրայ փակցուած քարտին վրայ՝ Թիատոր Պատալ: Լաւ անուն էր եւ հարազատ՝ տղուն պէս: Թիատոր Պատալը սկսաւ մազերս սափրել: Լաւ սափրիչը չի խօսիր մինչեւ յաճախորդը չխօսի, որքան ալ լեցուն ըլլայ իր սիրտը: — Այդ անունը, — ըսի, — Պատալ. հա՞յ ես: Ես հայ եմ: Ասկէ առաջ հաստատած եմ այս մէկը: Մարդիկ միշտ կը նային ինծի կամ գրութիւններս կը կարդան ու մտածելու կը սկսին, ու25
րեմն անմիջապէս կ’ըսեմ՝ «Հայ եմ ես»: Անիմաստ ակնարկութիւն մըն է, բայց կ’ակնկալեն ինձմէ, ուրեմն կ’ըսեմ: Գաղափար չունիմ թէ ի՞նչ է հայ ըլլալը, կամ անգլիացի կամ ճափոնցի ըլլալը: Պարզապէս գաղափար մը ունիմ ողջ ըլլալու մասին: Այս է միակ բանը որ մեծապէս կը հետաքրքրէ զիս. այս ու թենիսը: Յոյսս է որ օր մը փիլիսոփայական մեծ գործ մը գրեմ թենիսի մասին. Հեմինկուէյի Տէթհ ին տը աֆթըրնունի նման բան մը: Սակայն լաւ գիտեմ որ պատրաստ չեմ այդ տարողութեամբ գործ մը ձեռնարկելու: Թենիսի մեծ պատմութիւնը շատ բան կրնայ ընել մարդկութեան համար՝ ազգային խտրութեան, ատելութեան եւ այլ ոխերու նկատմամբ: Հազիւ կատարելագործեմ ձիրքերս, պիտի սկսիմ ծրագրել այս մեծ գործը: (Մաս մը ուսեալներ պիտի կարծեն թէ Հեմինակուէյին խօսք կը զարնեմ. այդպէս չէ: Տէթհ ին տը աֆթըրնունը բաւականին լուրջ արձակ մըն է: Երբեք չեմ կրնար առարկել այդ մէկուն: Նոյնիսկ իբր փիլիսոփայութիւն չեմ առարկեր գործին: Անգամ լաւ փիլիսոփայութիւն է քան Ուիլ Տռանթի կամ Ուալթեր Փիթքինի գործերը: Նոյնիսկ երբ Հեմինկուէյին խենթութիւնները բռնեն՝ ճշգրտութիւն կայ իր խենթութեան մէջ: Ճշմարտութիւնը կը պատմէ եւ չ’աճապարեր: Սա մեծ բան է գրականութեան համար:) — Հա՞յ ես, — հարցուցի: Մենք հայերս փոքր ազգ մըն ենք, ու երբ յանկարծ պատահմամբ ուրիշ հայու մը հանդիպինք՝ մեծ բան մըն է: Ընդմիշտ փնտռտուքի մէջ ենք՝ 26
Նոյնիսկ երբ Հեմինկուէյին խենթութիւնները բռնեն՝ ճշգրտութիւն կայ իր խենթութեան մէջ: Ճշմարտութիւնը կը պատմէ եւ չ’աճապարեր: Սա մեծ բան է գրականութեան համար…
գտնելու մէկը որ նոյն լեզուն կը խօսի: Ըստ մեր ամենամեծ կուսակցութեան, գրեթէ երկու միլիոն հայեր կան աշխարհին շուրջ. սակայն շատերս տարակարծիք են: Շատերս կը նստինք եւ թուղթի վրայ կը փորձենք հաշուել աշխարհի շուրջ գտնուող հայերը: Երկրամաս առ երկրամաս կը հաշուենք թէ առաւելագոյնը քանի՞ հայ կրնայ ապրիլ այդտեղ: Ամենաբարձր թիւը կ’արձանագրենք ու կ’անցնինք յաջորդին. Հնդկաստան, Ռուսաստան, Սովետական Հայաստան, Եգիպտոս, Իտալիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Ամերիկա, Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա, եւ այլն: Ու գումարելէ ետք մեր ամենայուսալի հաշիւները, կը յանգինք հազիւ մէկ միլիոն թիւին: Կը սկսինք մտածել մեր ընտանիքներու անդամներուն մասին, թէ ինչքա՞ն մեծ են մեր ընտանիքները. հաշուի կ’առնենք ծննդեան եւ մահերու համեմատութիւնը (պատերազմներու եւ ջարդելու ժամանակ մահերու թիւը կը բարձրանայ), եւ կը սկսինք երեւակայել թէ որպէս ազգ որքան կրնայինք շատնալ՝ եթէ մեզ ազատ ձգէին միայն քառորդ դար: Եւ անշուշտ կ’ուրախանանք: Երբեք նկատի չենք առներ երկրաշարժները, պատերազմները, ջարդերը, սովերը, եւ այլն. սա մեծ սխալ մըն է: Շատ լաւ կը յիշեմ Նիր Իսթ Ռըլիֆի նուիրահաւաքները որոնք կը կազմակերպուէին մեր կողմերը: Հօրեղբայրս մեր հրապարակախօսն էր. ան ամբողջ սրահը կը լացնէր իր ճառերով: Ան փաստաբան էր եւ խենթենալիք ճառախօս: Սկիզբը, մեր դժուարութիւնը պատերազմն էր – մեր ժողովուրդը թշնամիին ձեռքով կը կոտորուէր: Անոնք որոնք չէին սպաննուեր՝ անտուն էին եւ սոված: Հօրեղբայրս կը պատմէր ու բոլորս 28
կու լայինք, դրամ կը հաւաքէինք եւ կը ղրկէինք երկիր: Տարիներ յետոյ, երբ պատերազմը վերջացաւ, ուրիշ դրամահաւաքներ կը կազմակերպըւէին: Սիվիք Ատիթորիումի բեմէն հօրեղբայրս կը յայտարարէր. «Այս անգամ թշնամին չէ, փառք Աստուծոյ, բայց՝ երկրաշարժը: Աստուած մեզի անգամ մը եւս տանջանքի մատնած է: Երկրպագած ենք Աստուծոյ մեր բոլոր դժուարութիւններուն ժամանակ՝ տանջանքի, հիւանդութեան, սարսափի, սովի, (այստեղ հօրեղբայրս կը սկսի արտասուել), յուսահատութեան ժամանակ միշտ պաշտած ենք ու կը շարունակենք պաշտել զԱստուած: Չենք հասկնար անոր ուղին, բայց պէտք է շարունակենք պաշտել»: Ձեռնարկէն ետք մօտեցայ հօրեղբօրս եւ հարցուցի. — Աստուծոյ մասին խօսքերուդ դուն ինքդ կը հաւատա՞ս: — Ճառ էր: Դրամ պէտք է հաւաքենք: Ի՞նչ Աստուած: Բոլորը պարապ բան է, — ըսաւ: — Է, հապա՞ երբ լացիր: — Այդ մէկը իրական էր, — ըսաւ: — Չկրցայ ինքզինքս զսպել: Պէտք էր լայի: Տէր Աստուած, ինչո՞ւ մեր ժողովուրդը միշտ պէտք է այս բոլոր տանջանքներուն մատնուի: Ի՞նչ ըրած ենք որ այս բոլորին արժանանանք: Աստուած մեզ ազատ չի ձգեր: Բա՞ն ըրած ենք որ: Բարեպաշտ, աղօթասէր ժողովուրդ ենք, չէ՞: Ի՞նչ է մեր մեղքը: Աստուծմէ ալ զզուած 29
եմ: Միակ պատճառը որ պատրաստ եմ բեմ բարձրանալու եւ խօսելու այն է` թէ ալ չեմ կրնար լուռ մնալ: Չեմ կրնար արտօնել որ աւելիներ մեռնին: Յիսուս Քրիստոս, մենք սխալ բան մը ըրա՞ծ ենք: Թիատոր Պատալին հարցուցի եթէ հայ էր: — Ասորի եմ, — ըսաւ: Հայ չէր, բայց բան մըն էր: Ասորիները մեր կողմերէն կու գային: Մեր քիթերուն նման քիթեր ունին, մեր աչքերուն նման աչքեր, եւ մեր սրտերուն նման սիրտեր: Անոնց լեզուն տարբեր էր սակայն: Երբ խօսէին, չէինք հասկնար, բայց շատ նման էին մեզի: Անշուշտ շատ աւելի հաճելի պիտի ըլլար եթէ Պատալը հայ ըլլար, բայց գոնէ բան մըն էր: — Ես հայ եմ, — ըսի ու շարունակեցի: — Մի քանի ասորի տղաք կը ճանչնայի ժամանակին՝ Ժոզէֆ Սարգիս, Նիթօ Էլիա, Թոնի Սալեհ: Կը ճանչնա՞ս: — Ժոզէֆ Սարգիս... զայն կը ճանչնամ: Միւսները՝ ոչ: Մինչեւ հինգ տարիներ առաջ մենք Նիւ Եորք կը բնակէինք: Յետոյ արեւմուտք դարձանք. Թուրլաք: Վերջապէս Սան Ֆրանսիսքօ հասանք: — Նիթօ Էլիան Սալվեշըն Արմիի ղեկավարներէն է, — ըսի: 30
Շատ լաւ կը յիշեմ Նիր Իսթ Ռըլիֆի նուիրահաւաքները որոնք կը կազմակերպուէին մեր կողմերը: Հօրեղբայրս մեր հրապարակախօսն էր. ան ամբողջ սրահը կը լացնէր իր ճառերով:
(Չեմ ուզեր որ կարծէք թէ որեւէ տեղեկութիւն կը ստեղծեմ կամ կը փորձեմ խնդալիք ըլլալ) Շարունակեցի. — Թոնի Սալեհը ութը տարիներ առաջ սպաննուեցաւ: Ձիու վրայ կ’երթար, երբ յանկարծ ինկաւ ու ոտքը կախուեցաւ: Ձին գլուխը առած կէս ժամ վազեց, ու երբ վերջապէս կեցաւ, Թոնին արդէն մեռած էր: Տասնըչորս տարեկան էր: Դասընկերս էր: Լաւ տղայ էր Թոնին։ Ճարպիկ էր եւ թուաբանութեան մէջ՝ թիւ մէկ: Սկսանք խօսիլ ասորերէնի եւ հայերէնի մասին, մեր հին երկիրներուն մասին, այդտեղի վիճակին մասին, եւ այլն: Թէեւ տասնըհինգ սենթնոց սափրիչի քով եկած էի, լաւագոյնս կ’ընէի նոր ճշմարտութիւն մը սորվելու. կեանքի եւ մարդկային արժանապատւութեան մասին նոր գնահատանք ստանալու (մի կարծէք որ մարդ արարածը արժանապատւութիւն չունի – իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է:) — Ասորերէն չեմ կրնար կարդալ: Հոն ծնած եմ, բայց կ’ուզեմ մոռնալ, — ըսաւ: — Ինչո՞ւ կ’ուզես մոռնալ, — հարցուցի: 32
Խնդաց ու ըսաւ. — Կ’ուզեմ մոռնալ, որովհետեւ այնտեղ ամէն ինչ վերջացած է: Ասոնք իր բառերն են. ոչ մէկ բան աւելցուցած եմ: Շարունակեց. — Հզօր ժողովուրդ էինք տարիներ առաջ, սակայն տարիներ, դարեր անցած են այդ օրերէն: Հիմա պարզապէս պատմութեան նիւթ ենք դարձած: Ժամանակին հսկայ քաղաքակրթութեան տէր էինք, ու այսօր տակաւին այդ հին օրերով կ’ուրախանանք: Ես Ամերիկայի մէջ մազ կտրել կը սորվիմ: Վերջացած ազգ ենք, ինչո՞ւ լեզուն սորվիմ: Գրող չունինք. ասորերէնով հազիւ լուր կը հրատարակուի: Ամէն մի քանի տարին անգլիացիները կը դրդեն արաբները որ անգամ մը եւս մեզ ջարդեն: Այդքան: Հին պատմութիւն է, բոլորս ալ գիտենք: Վերջին լուրերը արդէն Associated Press-էն կու գան: Իբր հայ, անոր ըսածները մեծ ցաւ պատճառեցին ինծի: Միշտ յուսահատ զգացած էի մեր ժողովուրդի ոչնչացման մասին, բայց երբեք անգլիախօս ասորիի չէի հանդիպած, որ կը խօսէր նոյն բաներուն մասին: Մեծ սէր զգացի այս երիտասարդին հանդէպ: Սխալ մի հասկնաք. այս օրերուս շատերը կը խնդան երբ մարդ մը ուրիշ մարդու իր սէրը յայտնէ. կ’ըսեն թէ մեղկին մէկն է: Կը կարծեմ թէ այլեւս բոլորին հանդէպ սէր ու33
նիմ. նոյնիսկ Հայաստանի թշնամիներուն, որոնց անունները դիտմամբ չեմ յիշած այստեղ: Բոլորը գիտեն թէ ովքեր են: Չեմ ատեր զիրենք, որովհետեւ միայն կը տեսնեմ անհատը, որ իր կեանքը կ’ապրի այդ վայրկեանին: Եւ լաւ գիտեմ, վստահ եմ, որ անկարելի է որ այդ անհատը ամբոխներու հրէշութիւնները կատարէ: Ես դէմ եմ միմիայն ամբոխներու: — Նոյնն է մեր պատմութիւնը: Մենք ալ հին ժողովուրդ ենք: Տակաւին մեր եկեղեցին ունինք: Մի քանի գրողներ ունինք՝ Ահարոնեան, Իսահակեան եւ մի քանի ուրիշներ: Բայց նոյն պատմութիւնն է, — ըսի: — Այո, գիտեմ: Մենք սխալ նպատակներով ճամբայ ելանք: Նախընտրեցինք խաղաղութիւնը, լռութիւնը, ընտանիքը: Երբեք չձգտեցանք ըլլալ տիրապետող, զինուած ազգ: Երբեք չուզեցինք ըլլալ լաւ դիւանագէտներ: Երբեք չխաբեցինք, չջարդեցինք ուրիշ ժողովուրդներու նման: Բայց ի զուր է դժգոհիլ հիմա: Չէ՞ որ ժամանակին լաւ օրեր ունեցած ենք, — ըսաւ Պատալ: — Մենք տակաւին լաւատես ենք: Չկայ հայ մը այսօր որ չ’երազեր ազատ ու անկախ Հայաստանի մը մասին: — Երազե՞լ, — ըսաւ, — գոնէ բան մըն է երազելը: Ասորիները նոյնիսկ չեն կրնար երազել այլեւս: Ինչո՞ւ. գիտե՞ս այսօր մեզմէ քանի հատ մնացած է աշխարհի վրայ: 34
Մի քանի գրողներ ունինք՝ Ահարոնեան, Իսահակեան եւ մի քանի ուրիշներ: Բայց նոյն պատմութիւնն է, - ըսի:
— Երկո՞ւ, երե՞ք միլիոն, — գուշակեցի: — Եօթանասուն հազար, — ըսաւ, — միայն: Եօթանասուն հազար ասորիներ աշխարհին շուրջ, ու արաբի սուրով տակաւին կը շարունակուինք ջարդուիլ: Անցեալ ամիս եօթանասուն հոգի եւս մորթեցին: Հազիւ փոքր ակնարկ մը կար թերթին մէջ: Եօթանասուն հոգի եւս ոչնչացած: Շուտով բոլորովին կը ոչնչանանք: Եղբայրս ամերիկացի աղջկայ մը հետ ամուսնացած է եւ զաւակ մը ունին: Յոյս չկայ: Ասորեստանը կը փորձենք մոռնալ: Հայրս տակաւին Նիւ Եորքէն եկող թերթը կը կարդայ, բայց ծեր մարդ է, շուտով ինքն ալ կը մեռնի: Ու անմիջապէս թոնը փոխեց ու դադրեցաւ որպէս ասորի խօսելէ: Սկըսաւ խօսիլ որպէս սափրիչ: — Վերէն բաւարար մազ հանա՞ծ եմ, — հարցուց: Պատմութեան շարունակութիւնը անիմաստ է: «Մնաք բարով» ըսի ասորի տղուն եւ ձգեցի: Չորս մղոնի չափ քալեցի ու հասայ սենեակս: Սկսայ մտածել ամէն ինչի մասին՝ Ասորեստանի, ասորիներու, Թիատոր Պատալի. թէ ինչպէս կը սորվէր սափրիչ ըլլալ, անոր ձայնին մէջի տխրութիւնը, իր յուսահատութիւնը: Ամիս մը անցած է այս դէպքէն, սակայն տակաւին կը մտածեմ այս բոլորին մասին: Թիատոր Պատալ, հնադար36
եան ազգի մը զաւակ. ու թէեւ երիտասարդ էր եւ արթուն՝ սակայն յուսահատ: Եօթանասուն հազար ասորիներ. սոսկ եօթանասուն հազար զաւակներ այս պատմական ժողովուրդին: Մինչ իր ժողովուրդը կը ջարդըւի եւ իր ազգը կ’ոչնչանայ, այս երիտասարդը Ամերիկայի մէջ մազ կտրել կը սորվի: Իսկ ես, ուրիշ երիտասարդ մը, դառնօրէն կ’երգեմ պատմութեան ողբերգութիւնը: Ինչո՞ւ գեղեցիկ պատմութիւններ, սիրերգութիւններ չեմ հիւսեր, որոնք կրնան ֆիլմերու վերածուիլ: Ինչո՞ւ չեմ կրնար այս անկարեւոր, ձանձրացուցիչ հարցերը հանգիստ ձգել: Ինչո՞ւ չեմ կրնար գոհացնել ամերիկեան ընթերցողը: Ես հայ եմ: Մայքըլ Առլենն ալ հայ է: Ան հանրութեան համար հաճելի է: Մեծ յարգանք ունիմ անոր հանդէպ. ան կատարելագործած է գրական իր ոճը, բայց ես չեմ ուզեր իր հերոսներուն մասին գրել: Ըստ ինծի, այդ հերոսները սկիզբէն մեռեալ են: Երբ գրես Այօուայի, ճափոնցի տղուն կամ ասորի Պատալին մասին, տարբեր է: Թէեւ ֆիզիքապէս կրնան մեռնիլ (ինչպէս Այօուան) կամ հոգեպէս (ինչպէս Պատալը), անոնց սրտերը յաւերժական են. ու ճիշդ այս է որ կը հետաքրքրէ զիս: Այսպիսի անձնաւորութիւններու չես հանդիպիր շքեղ վայրերու մէջ, ուր մարդիկ սիրաբանութեան մասին կը խօսին եւ արուեստի մասին անտեղի մեկնաբանութիւններ կ’ընեն: Անոնց կը հանդիպիս ուր ես հանդիպեցայ: Ընդմիշտ կ’ըլլան այնտեղ: Ասորեստանէն մինչեւ Անգլիա: Այնտեղ կը գտնես 37
- Վերէն բաւարար մազ հանա՞ծ եմ, - հարցուց:
մարդկութեան այդ յատկութիւնը՝ զոր քանդելը անկարելի է. այդ յատկութիւնը՝ զոր երկրաշարժները, պատերազմները, ջարդերը, սովը եւ ուրիշ բոլոր խենթութիւնները չեն կրնար քանդել: Այս գործս կը ձօնեմ Այօուային, Ճափոնին, Ասորեստանին, Հայաստանին, մարդկութեան ցեղին, բոլորին հարազատութեան, եղբայրութեան: Չեմ ակնկալեր որ այս գործը մեծ ֆիլմի կը վերածուի: Այժմ մտածումներս միայն աշխարհի եօթանասուն հազար ասորիներուն հետն են. հզօր ազգի ողջ զաւակներուն հետ: Կը մտածեմ Թիատոր Պատալին մասին. ինքը՝ որպէս եօթանասուն հազար ասորի եւ եօթանասուն միլիոն ասորի: Պատալը՝ որպէս Ասորեստան եւ որպէս անհատ մը կանգնած սափրիչի խանութի մը մէջ, 1933 թուականին. այս մէկ մարդը՝ ամբողջ ազգի մը մարմնաւորումը:
39
Հինգ հասուն տանձեր 1939 Եթէ ծերուկ Փոլըրտը տակաւին ողջ է, կը յուսամ որ կը կարդայ այս գրութիւնս. կ’ուզեմ լաւ գիտնայ թէ ես գող չեմ ու երբեք գող չեմ եղած: Փոխանակ սուտ մը հնարելու, որ շատ դիւրութեամբ կրնայի ընել, ճըշմարտութիւնը ըսի եւ անոր դիմաց լաւ ծեծ մը կերայ: Ծեծ ուտելս շատ հոգս չէ, քանզի դպրոցի տարիներուս շատ կերած եմ. ծեծ ուտելը կըրթութեանս մաս կը կազմէր: Շատ անգամ արժանի էի ծեծի, բայց երբեմն ալ՝ ոչ: Պարոն Փոլըրտի ծեծին արժանի չէի, եւ կը յուսամ որ օր մը այս կը կարդայ՝ որ գիտնայ թէ ինչո՞ւ: Այդ օրը չկրցայ իրեն ըսել, որովհետեւ չէի գիտեր թէ ինչպէ՞ս ինքզինքս պիտի բացատրէի: Սակայն ուրախ եմ որ չեմ մոռցած պատմութիւնը, որովհետեւ շատ կարեւոր է: Պատմութիւնը գարնանային տանձերու մասին է: Փշաթել-ցանկապատով պատուած այգիի մը մէջ կ’աճէր ծառը, սակայն ճիւղերուն մէկ մասը ցանկապատին միւս կողմը կ’անցնէր: Վեց տարեկան էի, բայց վարպետ տրամաբանող: Մտածեցի թէ ցանկապատը կրնայ պատսպարել միայն ինչ որ իր սահմաններուն մէջ կը գտնուի: Ուրեմն, որոշեցի թէ ցանկապատին միւս կողմը գտնուող տանձերը իմս էին. անշուշտ եթէ կարենայի անոնց հասնիլ: 41
Հարկաւ չկրցայ հասնիլ: Սակայն տանձերու հանդէպ ունեցած սէրս խրախուսեց զիս: Տանձերը լաւ կը տեսնէի, ու լաւ գիտէի որ կ’ուզէի զանոնք: Պարզապէս ուտելու համար չէի ուզեր. այդ բարբարոսութիւն պիտի ըլլար: Անոնք կ’ուզէի՝ ուզելու սիրոյն: Տանձ կ’ուզէի, եւ այդ պահուն անոնք ամենամօտ ու ցանկալի տանձերն էին: Բայց աւելին, կ’ուզէի «ուզելը» եւ «ունենալը»: Զբօսանքի պահն էր ու ծառերը դպրոցէն երկու տնաշարք հեռու էին: Ծարաւ մը ունէի աճող պտուղներու համեղ հեղուկներու ու աւելի նուազ շօշափելի բաներու համար: Ինքզինքիս ըսի թէ այս գողութիւն չէ: Արկածախնդրութիւն էր. նոյնիսկ՝ արուեստ կամ կրօնք — այս տեսակի գողութիւնը աւելի շատ պաշտամունք էր, քան` գողութիւն: Երբ հրեայ Իսահակին ըսի թէ ծառերուն գով կ’երթայի, ան ըսաւ թէ ըրածս գողութիւն էր: Ինծի համար ըսածը ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր, կամ կը նշանակէր թէ կը վախնար ինծի ընկերակցելու: Այդ պահուն կարեւոր չէր թէ ինչ կը նշանակէր, ուրեմն սկսայ փողոցին մէջ վազել, հեռանալով դպրոցէն: Եթէ չեմ սխալիր, փողոցին անունը Փերալթա էր: Հաստատ չէի գիտեր թէ զբօսանքը քանի՞ վայրկեան կը տեւէր, սակայն լաւ գիտէի թէ երկար չէր. անշուշտ, երբեք բաւարար երկար չէր: Իմ կարծիքով, զբօսանքը պէտք էր յաւիտեան տեւէր: 42
Ուրեմն, որոշեցի թէ ցանկապատին միւս կողմը գտնուող տանձերը իմս էին. անշուշտ եթէ կարենայի անոնց հասնիլ:
*** Վեց տարեկան տղու մը դէպի տանձերը վազելը նոյնքան գեղեցիկ է քան երաժշտութիւնը կամ բանաստեղծութիւնը. նոյնիսկ թերեւս քան պատերազմը: Թէեւ շնչասպառ էի երբ հասայ ծառերուն, աշխոյժ էի եւ ժպիտ մը կար դէմքիս: Տանձերը ուռած էին եւ քաղուելու եւ ուտուելու պատրաստ: Հասուն էին: Արեւը ջերմ էր ու պահը՝ բազմաթիւ յստակութիւններու պահն էր. յստակութիւն՝ օդի, մարմնի եւ մտքի: Տերեւներուն մէջ տեսայ տանձերը՝ ուռած, գունաւոր եւ արեւէն կեանք առած: Կ’ուզէի ունենալ: Տեսածս պատկեր մըն էր որ երկրորդ դասարանի տարիքիս չէի կրնար նկարագրել, որովհետեւ դեռ բառեր չէինք սորված այդ բոլորը նկարագրելու: Դպրոցը կը խօսէինք միայն պարզ բաներու մասին. ու որովհետեւ տանձը պարզ բան մըն էր, կը խօսուէր անոնց մասին միայն իբր տանձ: Եթէ պատահէր որ տանձերու մասին խօսէինք դասարանին մէջ, զանոնք չէինք նկարագրեր իբր ապրող, հրաշալի, տարօրինակ ու սքանչելի նիւթեր: Տանձերու մասին կը սորվէինք անջատ ծառերէ, հողէ ու արեւէ, ինչ որ ապուշութիւն էր: Տանձերը իմս էին՝ եթէ կարենայի անոնց հասնիլ. բայց չէի կրնար: Զանոնք դիտելը նոյնիսկ բաւարար էր ինծի համար, բայց շաբաթներէ ի վեր կը դիտէի արդէն: Տերեւաթափ վիճակին տեսած էի ծառերը: Տեսած էի
44
տերեւներու եւ բողբոջներու յայտնութիւնը: Տեսած էի բողբոջներուն իյնալը՝ խակ ու կանաչ տանձերու ճնշման տակ: Ու հիմա տանձերը հասուն էին ու պատրաստ: Ես ալ պատրաստ էի: Տեսած էի տանձերը, եւ Աստուած զանոնք ինծի պարգեւած էր: Բայց ուտելու համար չէի ուզեր: Կ’ուզէի շօշափելու, զգալու համար, տանձը ճանչնալու համար, կեանքը ճանչնալու համար... կեանք մը, որ կրնար քայքայուիլ: Գիտնալու եւ անմահացնելու համար: *** Գողը կրնայ ե՛ւ արուեստագէտ, ե՛ւ փիլիսոփայ ըլլալ. հաւանաբար պէտք է երկուքն ալ ըլլայ: Վստահ չեմ եթէ փիլիսոփայութեան մասը հնարեցի գողութի՞ւնը արդարացնելու համար, թէ գողութիւնը ուրացայ՝ որ փիլիսոփայութիւն մը հնարեմ: Միայն գիտեմ թէ հասուն տանձերը ուզելս բոլորովին անկեղծ էր: Վճռած էի ունենալ եւ անմեղ մնալ: Հետագային, երբ զիս գող հռչակեցին, տկարացայ. նոյնիսկ սկսայ հաւատալ թէ հաւանաբար իսկապէս գող եմ: Բայց անշուշտ այդպէս չէր: Ծառի ճիւղերուն տակը կանգնած կը ծիծաղէի: Բայց իմս ջարդող, վատնողի մը ծիծաղը չէր: Ծիծաղն էր այդ մարդուն՝ որ կը ստեղծէր եւ կը
45
պահպանէր: Արուեստագէտները կը դիտեն ու կը տեսնեն. սակայն բոլոր տեսողութիւն ունեցողները չեն տեսներ: Ես կը տեսնէի տանձերը: Կը տեսնէի նախ միայն աչքերովս, սակայն հետզհետէ սկսայ տեսնել մարմնի բոլոր անդամներովս, ամբողջ սրտովս: Ու ճիշդ այդ պատճառով, անոնք իմս էին... ...Նաեւ՝ որովհետեւ անոնք կը գտնուէին ցանկապատին միւս կողմը գտնուող ճիւղերու վրայ: Մանկութեան դժբախտութիւններէն մէկը այն է, թէ չես կրնար խօսիլ այն պահուն երբ շատ ըսելիք ունիս. իսկ հասուն տարիքի դժուարութիւնը՝ շատախօսութիւնն է, երբ մոռցած ես թէ որտեղէն պէտք է սկսիս եւ ինչ լեզու պէտք է գործածես: Սխալներով դաստիարակուած ենք, այո՛. բայց գոնէ գիտենք որ մոռցած ենք: Չէի կրնար հասնիլ տանձերուն, ուրեմն փորձեցի ցատկել: Ցատկելը հրաշալի բան է: Սկիզբը ցատկեցի ճիւղ մը բռնելու եւ ինծի մօտեցնելու նպատակով, բայց երկու-երեք անգամ ցատկելէ ետք, սկսայ ցատկել՝ ցատկելու սիրոյն: Ցատկելը միջոց մըն էր երկրէն հեռանալու՝ դէպի վեր, եւ յանկարծ վերադառնալու երկիր մեծ ձայնով մը. միջոց մըն է կենդանի ըլլալու, եւ աւելին: Ուրեմն ցատկեցի ու ցատկեցի: 46
Բայց ուտելու համար չէի ուզեր: Կ’ուզէի շօշափելու, զգալու համար, տանձը ճանչնալու համար, կեանքը ճանչնալու համար...
Կը ցատկէի երբ լսեցի դպրոցի զանգը, եւ կը յիշեմ որ տրամադրութիւնս բոլորովին ինկաւ զանգի ձայնով, որովհետեւ այդ պահուն անդրադարձայ որ ուշացած էի: Սակայն մտահոգութիւնս շուտով անհետացաւ եւ ուշացած ըլլալս ալ հոգս չէր. տանձերն ու ցատկելու գիւտս կ’արդարացընէին ուշացումս: Լաւ գիտէի թէ արդարացուցած էի ուշացումս: Չեմ յիշեր թէ դասարանին մէջ ճիշդ ինչ կը սորվէինք այդ օրը, բայց լաւ գիտեմ թէ չէր կրնար աւելի կարեւոր ըլլալ քան տանձ ուզելն ու առնելը եւ ցատկելու հրաշքին մասին սորվիլը: Չդադրեցայ մտածելէ, սակայն, թէ ի՞նչ պիտի հարցնէին ինծի. պիտի հարցաքննէին զիս ու գիտէի թէ ինքզինքս պիտի չկրնայի բացատրել: Բառերը պիտի չգտնէի: Կրցայ հինգ տանձ իջեցնել՝ գործածելով չորցած ճիւղ մը: Անշուշտ ծառին վրայ շատ աւելիներ կային, սակայն հինգ ամենահասունները զատեցի: Մէկ հատը կերայ, իսկ միւս չորսը հետս դպրոց տարի: Տասը վայրկեան ուշ էի: Նորմալ մարդը նոյնքան միամիտ է վեց տարեկան հասակին, որքան վաթսուն տարեկանին. բայց քիչերն են որ նորմալ են: Չորս տանձերը 48
դասարան տարի ու ցոյց տուի բոլորին իբր ուշացմանս պատճառ: Չեմ յիշեր եթէ որեւէ բան ըսի, բայց լաւ կը յիշեմ որ դասարանին ցոյց տուի տանձերը: Այս անմիջապէս անհասկացողութիւն պատճառեց ու շուտով զիս գողի տեղ դրին, ինչ որ մեծապէս խանգարեց ու վիրաւորեց զիս: Տանձերը ե՛ւ փաստ էին, ե՛ւ արդարացում. սակայն օրիորդ Լարքինի համար՝ միայն փաստ: Այս մեծապէս խանգարեց զիս. կը կարծէի թէ աւելի լաւ դատողութիւն պէտք էր ունենար: Վերջ ի վերջոյ ուսուցիչ էր, եւ երկար կեանք ապրած էր ան: Խստացաւ ու շատ բաներ ըսաւ: Յայտնի էր որ բարկացած էր եւ կը մտածէր թէ պէտք էր պատժել զիս: Թէեւ մանրամասնութիւնները հիմա յստակ չեն, լաւ կը յիշեմ թէ նստած էի դպրոցի գրասենեակին մէջ ու կը սպասէի մեր տնօրէնին՝ պարոն Փոլըրտին: Նաեւ կը յիշեմ որ քիչ մը սկսած էի ինքզինքս զգալ որպէս գող: Տանձերը իր գրասեղանին վրայ էին որպէս փաստ, ու ես կը սարսափէի: *** Ալ բան չկար ընելիք, ուրեմն տանձ մը կերայ: Քաղցր էր. ծառին տակ կերած տանձէն շատ աւելի քաղցր: Միջուկը, սակայն, ձեռքս մնաց: Չկրցայ միջուկին համար ճար մը գտնել ու սկսայ մտածել թէ որո՞ւն պէտքն է այս միջուկը, եւ այլն: Միջուկը պէտք էր նետուէր, թափուէր,
49
բայց շուրջս միայն պատեր եւ պատուհաններ կային: Ուրեմն միջուկն ալ կերայ, եւ ձեռքիս մէջ մնացին միայն կուտերը: Շուտով գրպանս դրի կուտերը, մտածելով թէ օր մը կրնայի ծառեր աճեցնել անոնցմով: Ու մէկ-մէկ կերայ տանձերը, որովհետեւ վախի մէջ էի եւ գող ըլլալու զգացումը չէի սիրեր: Գէշ փորձառութիւն մըն էր. երբեք հաճելի չէր: Վերջապէս պարոն Փոլըրտը ներս եկաւ: Անոր յայտնութիւնը կարծես վերջին դատաստանին ժամանումն էր. ու երբ ան հազաց, կարծես արար աշխարհը ցնցեց: Մի քանի անգամ հազաց, լաւ մը նայեցաւ ինծի եւ ըսաւ. — Լսեցի որ տանձեր կը գողնաս կոր: Ո՞ւր են սա տանձերը: Ենթադրեցի որ մարդուն սիրտը տանձ կ’ուզէր, եւ շատ ամչցայ, որովհետեւ տանձ չունէի անոր տալու: Վստահ ան հակառակը հասկցաւ. մտածեց որ ես կ’ամչնայի, որովհետեւ գող էի: Գիտցայ որ պիտի պատժուիմ: Անհաճոյ էր իրմէ լսելը թէ ես գողցած էի, որովհետեւ չէի գողցած: Այդ 50
Տանձերը իր գրասեղանին վրայ էին որպէս փաստ, ու ես կը սարսափէի:
տանձերը տեսած էի նախքան իրենց տանձ ըլլալը: Տեսած էի այդ ծառի մերկ ճիւղերը: Տեսած էի տերեւներն ու բողբոջները: Տեսած էի տանձերը մինչեւ իրենց հասուննալը: Հասունցած տանձերը ինծի կը պատկանէին: — Կերայ, — ըսի: Ափսո՜ս որ չկրցայ իրեն ըսել թէ տանձերը չէի գողցած, այլ` զանոնք ստեղծած էի: Սակայն միայն կրցայ ըսել այն՝ ինչ կ’ակնկալուէր ինձմէ: — Տանձերը կերա՞ր, — հարցուց: Յայտնի էր որ լաւ բարկացած էր: Սակայն եւ այնպէս պատասխանեցի. — Այո, պարոն: — Քանի՞ հատ կերար, — հարցուց: — Չորս հատ, — ըսի: — Չորս հատ տանձ գողցար եւ կերա՞ր: — Ոչ, պարոն: Հինգ հատ: Մէկը ծառին մօտ կերայ: 52
*** Ամէն ինչ խանգարուած էր, եւ լաւ գիտէի որ ասոր տակէն պիտի չկարենայի ելլել: Չկրցայ ուզածս ըսել, ու միայն կրցայ պատասխանել իր հարցումներուն այն ձեւով որ կ’արդարանար պատիժս: Կաշիէ գօտիով մը լաւ մը ծեծեց, ու ես ալ լաւ մը լացի: Այդքան չէր ցաւեր որքան լացս կ’առաջարկէր. բայց պէտք էր լայի, որովհետեւ ինծի համար շատ տարօրինակ կը թուէր թէ ոչ ոք չէր ըմբռներ թէ ինչո՞ւ քաղած էի այդ հինգ տանձերը, եւ թէ ինչո՞ւ չորս հատը հետս դասարան շալկած էի, երբ դիւրութեամբ կրնայի բոլորն ալ ուտել եւ ըսել թէ փողոցը օտարի մը կ’օգնէի, կամ նման սուտ մը հնարել՝ բացատրելու համար ուշացումս: Գիտեմ որ օրիորդ Լարքինը հիմա ոչ եւս է, սակայն եթէ ծերուկ Փոլըրտը տակաւին ողջ է, յոյսս է որ կը կարդայ այս գրածս, որովհետեւ իրեն համար գրած եմ: Այդ տանձերը չգողցայ, այլ՝ ստեղծեցի. ու այդ չորս տանձերը հետս դասարան բերի, որովհետեւ գեղեցիկ էին եւ կ’ուզէի որ միւսներն ալ տեսնեն, ինչպէս ես կը տեսնէի զանոնք: Չեմ մեղադրեր քեզ, պարոն Փոլըրտ: Պարզապէս կ’ուզէի բացատրել թէ ի՞նչ պատահեցաւ այդ օրը:
53