"SHOGH" Sunday Bulletin - September 22, 2019 - «ՇՈՂ» Կիրակնօրեայ Թերթիկ #6

Page 1

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 22 SEPTEMBER, 2019 – No. 6

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN

THIS ISSUE OF “SHOGH” IS SPONSORED BY MR. & MRS. JOHN & MARGRITT SATOURI


ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ (Բարեկենդան Վարագայ Սրբոյ Խաչին) ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 14.3-17 ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 10.18-11.10 ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 10.1-12

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Առաւօտեան ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝

Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր Հովիւի Օգնական

SECOND SUNDAY OF THE EXALTATION (Eve of the Fast of the Holy Cross of Varak) SYNAXIS READINGS ISAIAH 14:3-17 2 CORINTHIANS 10:18-11:10 MARK 10:1-12 Divine Liturgy at 10:30 AM Celebrated by:

REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor’s Assistant Choirmaster: Mr. Shahe Altounian Organist: Mrs. Diana Wanes 2


ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ SYNAXIS READINGS ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 10.18-11.10 Որովհետեւ գնահատելի է ո՛չ թէ ա՛ն՝ որ ինքզինք կը յանձնարարէ, հապա ա՛ն՝ որ Տէ՛րը կը յանձնարարէ: Երանի՜ թէ կարենայիք քիչ մը հանդուրժել իմ անմտութեանս. եւ իսկապէս՝ հանդուրժեցէ՛ք ինծի: Որովհետեւ նախանձախնդիր եմ ձեզի հանդէպ՝ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ. քանի որ մէ՛կ ամուսինի նշանեցի ձեզ, որպէսզի Քրիստոսի՛ ներկայացնեմ ձեզ՝ մաքրակենցաղ կոյսի մը պէս: Բայց կը վախնամ որ, ինչպէս օձը խաբեց Եւան իր խորամանկութեամբ, նոյնպէս ձեր միտքերը ապականին Քրիստոսի հանդէպ եղած պարզամտութենէն: Որովհետեւ եթէ մէկը գար եւ քարոզէր ուրի՛շ Յիսուս մը՝ որ մենք չենք քարոզած, կամ ստանայիք ուրիշ հոգի մը՝ որ չէք ստացած, կամ ուրիշ աւետարան՝ որ չէք ընդունած, լաւ կը հանդուրժէիք այդպիսիին: Քանի որ ես կը սեպեմ թէ ոչինչո՛վ ետ մնացած եմ գերագոյն առաքեալներէն. ու թէպէտ անվարժ եմ խօսքի մէջ, բայց ո՛չ՝ գիտութեամբ. սակայն ամէն բանի մէջ մենք մեզ ամբողջովին բացայայտեցինք ձեզի:Միթէ սխա՞լ գործած եղայ ես զիս խոնարհեցնելով՝ որպէսզի դո՛ւք բարձրանաք, քանի որ ձրի քարոզեցի ձեզի Աստուծոյ աւետարանը. կողոպտեցի ուրիշ եկեղեցիներ՝ թոշակ առնելով անոնցմէ, որպէսզի սպասարկեմ ձեզի: Ձեր մէջ ներկայ եղած ատենս՝ երբ կարօտութեան մէջ էի, ձեզմէ ո՛չ մէկուն բեռ եղայ. որովհետեւ Մակեդոնիայէն եկող եղբայրնե՛րը լրացուցին ինչ որ կը պակսէր ինծի. եւ ամէն կերպով զգուշացայ ձեզի ծանրութիւն ըլլալէ, ու դարձեալ պիտի զգուշանամ: Քանի որ Քրիստոսի ճշմարտութիւնը իմ մէջս է, ո՛չ մէկը պիտի արգիլէ զիս այս պարծանքէն՝ Աքայիայի շրջանները: 3


ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 10.1-12 Կանգնելով՝ անկէ գնաց Հրէաստանի հողամասը, Յորդանանի միւս եզերքէն: Դարձեալ բազմութիւնները անոր շուրջ կը համախմբուէին, եւ ինչպէս սովորութիւն ունէր՝ դարձեալ կը սորվեցնէր անոնց: Փարիսեցիները եկան անոր քով ու հարցուցին՝ փորձելու համար զայն. «Արտօնուա՞ծ է մարդու մը՝ որ արձակէ իր կինը»: Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Մովսէս ի՞նչ պատուիրեց ձեզի»: Անոնք ըսին. «Մովսէս արտօնեց ամուսնալուծումի վկայագիր մը գրել եւ արձակել»: Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ձեր սիրտին կարծրութեա՛ն համար գրեց ձեզի այդ պատուէրը. բայց արարչութեան սկիզբէն՝ Աստուած զանոնք արու եւ էգ ստեղծեց: “Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին”: Ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա՝ մէկ մարմին. ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է»: Տունը՝ իր աշակերտները դարձեալ նոյն բանը հարցուցին իրեն: Ըսաւ անոնց. «Ո՛վ որ արձակէ իր կինը եւ ամուսնանայ ուրիշի մը հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ անոր դէմ: Ու եթէ կին մը արձակէ իր ամուսինը եւ ամուսնանայ ուրիշի մը հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ»: 2 CORINTHIANS 10:18-11:10 For it is not the one who commends himself who is approved, but the one whom the Lord commends. I hope you will put up with me in a little foolishness. Yes, please put up with me! I am jealous for you with a godly jealousy. I promised you to one husband, to Christ, so that I might present you as a pure virgin to him. But I am afraid that just as Eve was deceived by the serpent’s cunning, your minds may somehow be led astray from your sincere and pure devotion to Christ. For if someone comes to you and preaches a Jesus other than the Jesus we preached, or if you receive a different spirit from the Spirit you 4


received, or a different gospel from the one you accepted, you put up with it easily enough. I do not think I am in the least inferior to those “superapostles.” I may indeed be untrained as a speaker, but I do have knowledge. We have made this perfectly clear to you in every way. Was it a sin for me to lower myself in order to elevate you by preaching the gospel of God to you free of charge? I robbed other churches by receiving support from them so as to serve you. And when I was with you and needed something, I was not a burden to anyone, for the brothers who came from Macedonia supplied what I needed. I have kept myself from being a burden to you in any way, and will continue to do so. As surely as the truth of Christ is in me, nobody in the regions of Achaia will stop this boasting of mine. MARK 10:1-12 Jesus then left that place and went into the region of Judea and across the Jordan. Again crowds of people came to him, and as was his custom, he taught them. Some Pharisees came and tested him by asking, “Is it lawful for a man to divorce his wife?” “What did Moses command you?” he replied. They said, “Moses permitted a man to write a certificate of divorce and send her away.” “It was because your hearts were hard that Moses wrote you this law,” Jesus replied. 6“But at the beginning of creation God ‘made them male and female.’ a 7‘For this reason a man will leave his father and mother and be united to his wife, b 8and the two will become one flesh.’ c So they are no longer two, but one flesh. 9Therefore what God has joined together, let no one separate.” When they were in the house again, the disciples asked Jesus about this. 11He answered, “Anyone who divorces his wife and marries another woman commits adultery against her. And if she divorces her husband and marries another man, she commits adultery.” 5


ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ THIS SUNDAY ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻՆ Այս Կիրակի Սեպտեմբեր 22-ին Բարեկենդան է Վարագայ Ս. Խաչի տօնին: Հայ եկեղեցին տարուայ մէջ, Ս. Խաչի նուիրուած չորս տօներ կը նշէ, որոնք են՝ Ս. Խաչի Երեւման Տօն, Ս. Խաչի Վերացման Տօն, Վարագայ Ս. Խաչի Տօն եւ Ս. Խաչի Գիւտի Տօն: Ս.Վարագայ Խաչի տօնը յատուկ է միայն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ նուիրուած է Վարագայ լերան վրայ Սուրբ խաչափայտի մասունքին գտնուելուն: Խաչափայտի մասունքը Հայաստան աշխարհ բերած է Ս. Հռիփսիմէ կոյսը եւ Վարագայ լերան մօտէն անցած ատեն հոն ամփոփած է: Այդ մասունքը հրաշափառ տեսիլքով կը գտնուի 7-րդ դարուն եւ այդ իրողութիւնը կը դառնայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ խաչին նուիրուած 4 տօներէն մին՝ Տօն Վարագայ Ս. Խաչի անունով:

EVE OF THE FAST OF THE HOLY CROSS OF VARAK This Sunday, September 22 is the Eve of the Feast of the Holy Cross of Varak. In the Armenian Church Calendar there are four feasts dedicated to the Khach: The Apparation of Holy Cross, the Exaltation of Holy Cross, the feast of Holy Cross of Varak and the feast of Discovery of Holy Cross. The feast of Holy Cross of Varak is celebrated only by Armenian Apostolic church and is dedicated to finding the relic of Holy Cross on the Mount of Varak. The relic of the Holy Cross was brought to armenian by St. Hripsime and was hidden in the Mount Varak. The relic was found in the 7th century by a miraculous vision and the Armenian Apostolic Church dedicated a feast to commemorate this extraordinary event. 6


ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ A BLESSING OF THE REPUBLIC PRAYER

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ Ամէն տարի Մայիսի 28-ին եւ Սեպտեմբերի 21-ին՝ Հայաստանի առաջին եւ երկրորդ Հանրապետութիւններու Անկախութեան տօնին կը հնչէ «վասն Հանրապետութեան Հայաստան աշխարհի» մաղթանքը։ Առաջին անգամ սոյն մաղթանքը հնչեց՝ 1919 թ. Մայիս 28-ին, Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Սուրենեանց Կաթողիկոսի հրահանգով։ Հայ Եկեղեցին նորաստեղծ հանրապետութեան առաջին տարեդարձը նշած է մեծ հանդիսաւորութեամբ։ «Հանրապետական մաղթանք» եկեղեցական կարգի ընթացքին հնչող շարականի հեղինակը Եպիսկոպոս Գէորգ Չորէքչեանն էր, որ յետագային դարձաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Զ Չորէքչեան։ Խորհրդային շրջանին Հայաստանի մէջ մոռացութեան տրուեցաւ Մայիս 28-ը եւ անոր հետ նաեւ «Հանրապետական մաղթանք»ի կարգը։ 1989 թ. Մայիս 26-ին ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան հրամանագրով 1918 թ. Մայիս 28-ը ճանչուեցաւ Հայաստանի պետականութեան վերականգնման օր։ Նոյն թուականի Յունիս 14-ին, Վազգէն Ա Կաթողիկոսը իր հայրապետական կոնդակով Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն թելադրեց գոհաբանական մաղթանքներ կատարել Մայիս 28-ին՝ Սարդարապատի հերոսներու եւ Հայոց պետականութեան հաստատման համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին։ 1991 թ. վերանկախացած Հայաստանի մէջ «Հանրապետական մաղթանք»-ը վերստացաւ իր նախկին խորհուրդը, եւ այսօր այն կը կատարուի նաեւ Հայաստանի երկրորդ Հանրապետութեան անկախութեան տօնին` Սեպտեմբեր 21-ին։ Այդ օրերուն, հայկական բոլոր եկեղեցիներէն ներս յաւարտ Ս. Պատարագի կը կատարուի Կարգ Հոգեհանգստեան՝ ի յիշատակ հայրենիքի ազատագրութեան համար զոհուած զինուորներու եւ հայորդիներու, ապա եւ «Մաղթանք վասն տարեդարձի անկախութեան Հայաստանի»։

7


A BLESSING OF THE REPUBLIC PRAYER Every year on May 28 and September 21, in commemoration of the Independence of first and second Republics of Armenia, the Armenian churches conduct a special Blessing of The Republic Prayer service for the safety and prosperity of Republic of Armenia. For the first time this service took place on May 28, 1919. It was dedicated to the 1 year anniversary of independence of the first Republic of Armenia and was ordered by the Catholicos of that time His Holiness Kevork V Surenyants. The ecclesiastical hymn sung during this ceremony was written by Bishop Kevork Chorekchyan, who later became the Catholicos of All Armenians Kevork VI Chorekchyan. This service was forgotten during the soviet regime in Armenia. On May 26, 1989, the government of Soviet Republic of Armenia passed a motion re-establishing May 28, 1918 as the Independence Day of the first Armenian Republic. On June 14 of that same year, by the Pontifical Encyclical of Catholicos Vazgen I all churches in Armenia and Diaspora were ordered to hold a Blessing Of The Republic Prayer service on May 28 in honour of the heroes of Sardarapat and for all who gave their lives for independence of our homeland Armenia. On September 21, 1991, the second Armenian Republic declared its independence from Soviet Union. The Armenian churches started to celebrate this beautiful Prayer Service not only on May 28, but also on September 21. During the Blessing of The Republic Prayer service, after the Divine Liturgy a Requiem Service is held in memory of fallen soldiers and heroes, which is followed by the Special Blessing of the Republic Prayer for the peace and prosperity of our Motherland. 8


ԱՍՏՈՒԱԾ Կ՛ՈՒԶԷ ԶԻՍ ՏԵՍՆԵԼ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ Աստուծոյ արարչագործութեան մէջ ուրոյն իր տեղը ունի Հայկական Լեռնաշխարհը։ Մարդկութիւնը ստեղծուեցաւ Եդեմի մէջ, որ կարգ մը մեկնաբաններու կողմէ կը նոյնացուի Հայկական լեռնաշխարհին։ Աստուծոյ կամքն էր, որ իւրաքանչիւր մարդ էակ ունենայ իր սեփական հայրենիքը եւ հոգատար ըլլայ անոր նկատմամբ։

Աստուած մեզի՝ Հայ ժողովուրդին ալ յատկացուց չքնաղ հայրենիք մը, որ կը կոչուի Հայաստան, որ դարերու ընթացքին թէեւ ունեցաւ բազում փորձութիւններ, սակայն մաքառելով անոնց դէմ, ան այսօր ալ կը պատկանի մեզի։ Աստուածային նախախնամութեամբ 301 թուականին Հայաստանը դարձաւ Առաջին Քրիստոնեայ երկիրը, իսկ Հայ ժողովուրդը՝ զայն ընդունող առաջին ազգը։ 451 թուականին վտանգի ենթարկուած էր Հայ ժողովուրդի հաւատքն ու հայրենիքը, ուստի ան միակամ՝ մղեց «վասն հաւատքի ու վասն հայրենեաց պատերազմը» պաշտպանելով մեզի վստահուած Հայրենիքն ու Լուսաւորիչի հաւատքը։ Փառք Աստուծոյ, այսօր անկախ է մեր հայրենիքը, որ մեզի տրուած է որպէս երկնային շնորհ։ Աստուածային օրհնութեամբ է որ Հայ ժողովուրդի ներկայ սերունդը կը գնահատէ անցեալի սխրանքները, անոնց վրայ աւելցնելով նաեւ հիացմուքի ու գնահատանքի արժանի նոր գործեր։ Իւրաքանչիւր Հայ անհատի պարտքն է հարց տալ, թէ ինքը ի՞նչ կ՛ընէ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած հայրենիքին ու եկեղեցիին համար։Աստուածային ձայնը այսօր մեզի կ՛ըսէ, որ Սուրբ Խաչի պահպանութեամբ մեր Հայրենիքը անկողոպտելի գանձ ու «սրբութեան սրբոց» է մեզի համար։ Տ. Վաղարշ քհնյ. Իսախանեան 9


ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անձնագիրը տրուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա Ծայրագոյն Պատրիարք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ՀՀ առաջին նախագահին կողմէ: Վազգէն Ա. Հայրապետը ողջունեց եւ օրհնեց Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի ընդունուիլը, ինչպէս նաեւ օրհնեց նորանկախ Հանրապետութիւնը: DID YOU KNOW? The first passport of newly independent Republic of Armenia was issued to His Holiness Vazgen I, Supreme Patriarch and Catholicos of All Armenians. The passport was presented to the Pontiff by the first President of Republic of Armenia. Vazgen I also welcomed and blessed the adoption of Declaration of Independence of Armenia. His Holiness also blessed the newly independent Republic of Armenia.

Ի՞ՆՉ Է ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏԸ Հայ եկեղեցին յաճախ կը յիշատակէ ննջեցեալները եւ հոգեհանգիստ կը կատարէ անոնց համար։ Մի՞թէ ննջեցեալներու համար կարեւոր է այդ։ Աստուած մեռելներու Աստուածը չէ, այլ ողջերու, որովհետեւ բոլորը անոր համար կենդանի են (Ղուկաս 20, 38) եւ «սէր ոչ երբեք անկանի» (Ա Կորնթ. 13, 8)։ Հետևաբար ննջեցեալները երբեք բաժանուած չեն ապրողներէն եւ մեզ՝ ապրողներուս համար պարտականութիւն է զանոնք յիշել։ Այս կը խորհրդանշէ զինուորեալ եւ յաղթական եկեղեցւոյ հաղորդակցութիւնը։ Եկեղեցւոյ ժամակարգութիւնը, նախնական եկեղեցւոյ սովորոյթը, եկեղեցւոյ հայրերու գրութիւնները, բոլորն ալ կը վկայեն այն հաւատքի մասին, որ աղօթքով, բարեգործութիւններով, Ս. Պատարագով, հոգեհանգիստով, մատաղներով, որոնք կը կատարուին ննջեցեալններուն համար, օժանդակութիւն եւ հանգիստ կը շնորհեն անոնց:

10


ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ REQUIEME SERVICE

Requesters Mr. Garo Varesh Mr. & Mrs. Tom & Christine Varesh Mr. & Mrs. Donald & Tina Pleau and their children Samantha & Savannah Mr. & Mrs. Areg & Takoush Yeghiaian Mr. & Mrs. George & Christina Yeghiaian In Memory of The Late Clara Varesh- 5th anniversary

Requesters Mr. Artak Nersisyan and Family In Memory of The Late Hasmik Sargsyan-Passed away in Yerevan

11


ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ARMENIAN CHURCH HISTORY (շարունակութիւն ՇՈՂ թիւ 5-էն)

Հիմնական այլ տուեալ մը եւս, կարող ենք քաղել Ստեփանոս Օրբելեանի ՙՊատմութիւն Նահանգին Սիսական՚ Աշխատութենէն, ուր պահպանուած է Ա. դարուն Գողթնի Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան աւանդութիւնը, ըստ որուն Ս. Բարթուղիմէոս Առաքեալ, ինչպէս նախորդին յիշեցինք, Կումս անունով անձ մը Գողթն գաւառի եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ: Անոր կը յաջորդէ Բաբելաս Խուժիկը, որմէ ետք Գողթնի եկեղեցին Մուշէ անունով անձ մը Թադէի Աթոռ կʼուղարկէ եպիսկոպոս ձեռնադրուելու նպատակով, սակայն քրիստոնեաներու դէմ սկիզբ առած հալածանքներու հետեւանքով Մուշէ չի կարողանար վերադառնալ: Աւանդութիւնը կը խօսի նաեւ, թէ յիշեալ եպիսկոպոսները պարսիկներ էին եւ ոչ թէ հայեր: Մեզի հասած է նաեւ, Արտազի Աթոռի հնագոյն գաւազանագիրք մը, կազմուած 649 թուականին, ուր հետեւեալը կը կարդանք. ՙԹադէոս Առաքեալ Արշակունեաց Սանատրուկ Թագաւորի ժամանակ եկաւ Հայաստանի Շաւարշան քաղաքը եւ աւետարանական լոյսով լուսաւորեց այնտեղի հաւատացեալները, իր աշակերտներէն Զաքարիային քաղաքի եպիսկոպոս ձեռնադրեց եւ ինք երկրի այլ կողմերը գնաց քարոզելու բոլոր հեթանոսներուն: Կʼըսեն թէ այս Զաքարիան նահատակուած է Հայոց Երուանդ Թագաւորին ձեռքով Փրկիչին համբարձումէն 42 տարիներ ետք: Անորմէ ետք եպիսկոպոս կարգուեցաւ Զեմենտոսը, որ մօտ 4 տարի հովուեց հաւատացեալներուն եւ վախճանեցաւ: Անոր յաջորդեց Ատրներսէհ Եպիսկոպոսը, որ 15 տարի ժողովուրդը կառավարելէ ետք նահատակուեցաւ բարբարոսներու ձեռքով: Ասոր յաջորդեց Պարսկաստանէն Մուշէն կամ Մուշեղը, որ թաքստոցի մէջ սուրբ ժողովուրդը 30 տարիներ կառավարելէ ետք վախճանեցաւ: Ապա Շահէն Եպիսկոպոսը 25 տարի, որուն յաջորդ կը յիշուի Աղուանքէն Շաւարշ Եպիսկոպոսը, որ շուրջ 20 տարի կառավարեց Արտազի հոտը: Անոր յաջորդը կʼըլլայ Ղեւոնդիոս Եպիսկոպոսը շուրջ 17 տարիներ, ապա կը նահատակուի Շաւարշանի մէջ, Հռոմի Աւրելիոս Կայսեր եւ Հայոց Վաղարշ Թագաւորի ժամանակ: Անորմէ ետք չկարողացանք գտնել թէ ովքեր յաջորդեցին Արտազի առաքելական եկեղեցւոյ տեսչութեան պաշտօնին մէջ՚: 12


Վերոյիշեալ եպիսկոպոսներու մասին, բացի երկուքէն, այլ աղբիւրներէ ուրիշ ոչինչ հասած է մեզի: Մուշէն ամենայն հաւանականութեամբ, այն Մուշէն է որ Ստ. Օրբելեան յիշած էր, որպէս Գողթնի եպիսկոպոսութեան թեկնածու, որ ձեռնադրուելու համար Ս. Թադէի Աթոռ գացած էր, եւ հալածանքներու պատճառով չվերադարձած ու հովուած էր Ս. Թադէի Աթոռի հաւատացեալները: Իսկ Ղեւոնդիոս Եպիսկոպոս Ս. ԹԱԴԷԻ ՎԱՆՔԸ պատմական Անձնաւորութիւն մըն է, որ նահատակուած է Վաղարշ Բ. (185-198) Թագաւորի քրիստոնեաներու դէմ վարած հալածանքներու ժամանակ: Իսկ Պատմաբան Եւսեբիոս Կեսարացին, թուարկելով Դիոնիսիոս Եպիսկոպոս Աղեքսանդրացիի գրութիւնները, կը յիշէ Հայաստանի քրիստոնեաներու Մերուժան Եպիսկոպոսին ուղղուած ապաշխարութեան մասին նամակ մը: Այս գրութեան ժամանակը կʼենթադրուի 251-255 թուականներու միջեւ, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Գ. դարուն Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէր կազմակերպուած եւ միջեկեղեցական շրջանակներուն մէջ ճանաչում վայելող եկեղեցի: Հիմնուելով նախորդին, այստեղ կարող ենք ներկայացնել Ա, Բ, Գ դարերուն, Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերու՝ Հայրապետներու գաւազանագիրքը, հետեւեալ ձեւով. Սբ. Զաքարիա 68-72 թթ., Սբ. Զեմենտոս 72-76 թթ., Սբ. Ատրներսեհ 77-92 թթ., Սբ. Մուշէ 93-123 թթ., Սբ. Շահէն 124-150 թթ., Սբ. Շաւարշ 151-171 թթ., Սբ. Ղեւոնդիոս 172-190 թթ., Սբ. Մեհրուժան 240-270 թթ.:

(շարունակելի)

13


ՀԱՒԱՏՔ -ԱԻ՞ՆՉ Է ՀԱՒԱՏՔԸ Հաւատք կը նշանակէ վսահ ըլլալ այն բաներուն, որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներով, որոնք չեն երեւիր:

ՀԱՒԱՏՔԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ Քրիստոնէութեան բարոյագիտութեան օրինագիրքը եղող Սուրբ Աւետարանը յաճախ կը շեշտէ հաւատքի մեծ կարեւորութիւնը Քրիստոսին հետեւողներու կեանքին մէջ: Աւետարանի ուսուցմամբ, քրիստոնէական վարդապետութեան ամէնէն հիմնական սկզբունքներէն մէկն է հաւատքը, որուն վրայ շեշտ դրած է Քրիստոս. ՙՈվ որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի, իսկ ով որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի՚ (Մարկոս, 16:16): Քրիստոս ուրիշ առիթով եւ տարբեր բառերով կը շեշտէ հաւատքին անհրաժեշտութիւնը հետեւեալ ձեւով. ՙՈվ որ կը հաւատայ Անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար Անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ Միածին Որդիին չհաւատալուն համար՚ (Յովհաննէս, 3:18): Ինչպէս կը տեսնուի այս վկայութիւններէն, Քրիստոս՝ ուսուցիչը քրիստոնէական կրօնքի վարդապետութեան, ցոյց կու տայ թէ որքան էական պայման մըն է քրիստոնէական կրօնքին մէջ հաւատքի դերը:

ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ Զանազան եւ իրարմէ տարբեր սահմանումներ կը տրուին առհասարակ հաւատքին: Այդ սահմանումներուն մէջ ամէնէն էականը սակայն եւ բոլորին մէջ հասարակաց ձեւով ներկայ եղող գաղափարը վստահութեան գաղափարն է բանի մը մասին, որ մենք չենք տեսներ կամ չենք շօշափեր: Մեր սովորական կեանքին մէջ յաճախ չենք անդրադառնար, բայց երբ գիտակցութեամբ դիտենք եւ վերլուծենք մեր արարքները, պիտի նկատենք որ մեր բոլոր արարքներուն մէջ ներկայ է հա14


ւատքի մը գոյութիւնը, հաւատքը որպէս վստահութիւն մեր ընելիքին վրայ: Մեր պարզ կեանքին մէջ սովորական երեւոյթներուն վրայ երեւցող այս հաւատքը կը հասնի իր բարձրագոյն ձեւին եւ զօրաւորագոյն վիճակին, երբ սովորական կեանքի այդ իւրողութենէն վեր դրուի այն բաներուն վրայ, որոնք մեր աչքերուն տեսանելի չեն եւ մեր մտքերուն համար անպայման ըմբռնելի չեն, բայց որոնց վրայ վստահութիւն ունինք աստուածային ազդեցութեամբ մը մեր մէջ կազմուած այն տրամադրութեամբ, որուն կու տանք ՙՀաւատքի առաքինութիւն՚ բացատրութիւնը: Այս պատճառով հաւատքը իր կրօնական իմաստին մէջ կը սահմանուի իբրեւ գերբնական առաքինութիւն մը Աստուծոյ շնորհով տրուած, որով մենք կը վստահինք ստուգութեան այն բաներուն, որոնք չեն տեսնուիր: Հաւատալ չի նշանակեր սակայն կարծիք ունենալ, ոչ ալ հասկնալ կամ հաստատել, այլ ամբողջ էութեամբ տարուիլ վստահութեան զգացումով, հանդէպ այն առարկային, որ մեր հաւատքին ենթակայ է: Ուրեմն հաւատքը մեր մտքի արտադրութիւնը չէ, տրամաբանութեան տեւողութիւնը չէ, կեանքի փորձառութենէն քաղուած եզրակացութիւն մըն ալ չէ, այլ տրուած շնորհք, բնական տրամադրութիւն մը մեր մէջ, որ ունինք ոչ թէ բնազդօրէն եւ անգիտակից ձեւով, այլ գիտակցօրէն եւ ազատ կամքով եւ որուն արտայայտութեան համար կը նպաստեն, միտքը, կեանքի փորձառութիւնը եւ այլն: Նաեւ հաւատալ կրօնական ըմբռնումով կը նշանակէ վստահիլ այն յայտնութիւններուն, որոնք տրուած են Աստուծմէ եւ որ կ’ըմբըռնենք զանոնք իբրեւ բացարձակ եւ անժխտելի ճշմարտութիւն: Աւելի պարզ բացատրութեամբ ինչ որ Աստուած ըսած է Աւանդութեան եւ Սուրբ Գրքին մէջէն, եւ ընդունիլ զայն իբրեւ ճշմարտութիւն, եւ աւելին՝ դնել ամբողջ անձը այդ ճշմարտութեան մէջ:Ուրեմն, քրիստոնեայի պարագային, հաւատքը այս մօտեցումով, կեանք մըն է եւ ապրելու ձեւը:

(շարունակելի)

15


ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ DONATIONS In Memory of The Late Vazgin Alexanian Mr. Rafik Alexanaian $100, Mrs. Alenoosh Azizians Allahyarian $50, Mrs. Alenoush Mirzayance $50, Mrs. Zvart Satourian $10, Mrs. Diana Sharoyan $10 Women’s Guild-In Memory of The Late Nazig Erol Torossian Mr. & Mrs. Masis & Aida Afarian $150 In Memory of The Late Khachig Jalladian Mr. & Mrs. Haroutyun & Tsoline Zeroghlian $50 In Memory of The Late Takuhi Maranjian Mr. Sogomon Sakarya $250, Ms Anjel Citak $250, Mr. Serdal Citak $200, Ms Seren Daiello $200, Ms Alice Maltepe $100, Mr. & Mrs. Garbis & Hermine Ustel $100, Mr. Azad Amasyaliyan $50, Mrs. Silva Atik $50, Mr. & Mrs. Krikor & Maryam Nar $50, Arpiar Sakarya $50, Mr. Nahabet Nar $ 50, Mr. Alexander Norian $ 50 In Memory of Their Loved Ones: Mrs. Arpine Altounian Funeral: Seleci & Ketenjian Families / Mr. Haritoun Maranjian Altar Flowers: Yesai Libarian &250, Mr. & Mrs. John Satouri $75 Sunday School: Ms Bahar Ozturk $100 Louma: Mrs. Alexia Citak $50, Mr. Garbis Bedrosyan &50 Mr. & Mrs. John & Margritt Satouri &50 Mr. & Mrs. Armen & lorin Markarian $20 General: Mr. & Mrs. Henry & Seta Nigoghossian $500 (Wedding Anniversary) Mr. & Mrs. George & Cecila Jaladian Abajian $50 Mr. & Mrs. John & Margritt Satouri &50 Mr. & Mrs. Hovig & Taline Moushian $20 Wedding: Novshadian Family Membership: Maro Mnknjian $70 “Shogh” Sunday Bulletin: Mr. & Mrs. John & Margritt Satouri $200 16


Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝

Տէր եւ Տիկին Ժան եւ Մարկրիթ Սաթուրի Ս. Խորանի Ծաղիկներու պատրաստում՝ “Ann’s Ծաղկանոց“ The Altar Flowers are sponsored by

Mr. & Mrs. John & Margritt Satouri Altar Flowers provided by “Ann’s Flowers”

ALTAR FLOWERS Parishioners, who would like to donate Altar flowers in memory of their loved ones or for a special occasion, please contact the church office at 416-431-3001 or mark your name & contact info on the calendar stand located at Church lobby. Բարեպաշտ հաւատացեալներ, որոնք կը փափաքին ստանձնել Ս. Խորանի կիրակնօրեայ ծաղիկի նուիրատուութիւնը, ի յիշատակ իրենց ննջեցեալ հարազատներուն կամ այլ ուրախ առիթներու համար, կը խնդրենք կապ պահել, հեռաձայնելով եկեղեցւոյ գրասենեակ.- 416-431-3001

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն ու Ծխական Խորհուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր նուիրատուներուն։

17


ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ

Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն ու Ծխական Խորհուրդը կը շնորհաւորեն նորապսակ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱՐՍԷՆ ԵՒ ՄՈՆԻՔԱ ՔԱՐԱԿԷՕԶՆԵՐԸ որոնք արժանացան Ս. Պսակի խորհուրդին, 14 Սեպտեմբեր, 2019-ին։ Նաեւ կը շնորհաւորեն Մկրտուած երեխաներ՝ ՎԻՔԹՈՐԻԱ ԱՆՆ ԼԻՊԱՐԵԱՆ 1 Սեպտեմբեր, 2019

ՅԱԿՈԲ ԱՏԻՍ ԱԿՈԲ 8 Սեպտեմբեր, 2019

ՍՈՖԻ ԱՐՓԻ ԱՇԸՔ 8 Սեպտեմբեր, 2019

եւ իրենց ծնողները, մաղթելով բոլորին առողջ եւ բարեբեր կեանք։

The Pastor and Parish Council of the Holy Trinity Armenian Church congratulate and extend their best wishes to: MR. & MRS. ARSEN AND MONIKA KARAGOZ On the occasion of their Holy Matrimony - September 14, 2019 Congratulations to the Baptized and Confirmed children and their parents: VICTORIA ANN LIBARIAN – September 1, 2019 HAGOP ADIS AGOP – September 8, 2019 SOPHIE ARPI ASIK – September 8, 2019 18


ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՂՕԹՔԸ PRAYER OF THE WEEK ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵԼՈՒ ԱՂՕԹՔ Ո՜վ մեր հայրերուն Աստուածը, դուն՝ ողորմած Տէր, դո՛ւն ես որ ստեղծեցիր ամէն բան քու խօսքերուդ, եւ իմաստութեամբդ կազմեցիր մարդը, որպէսզի տիրէ քու ստեղծած արարածներուդ, սրբութեամբ եւ արդարութեամբ կառավարէ աշխարհը եւ ուղիղ հոգիով դատաստան կատարէ: Տո՛ւր ինծի իմաստութիւնդ, որ աթոռակից է քեզի, եւ մի՛ մերժեր զիս քու ծառաներուդ շարքերէն, որովհետեւ ես քու ծառադ եմ, քու աղախինիդ որդին, տկար մարդ մը՝ սակաւակեաց, զուրկ իմաստութենէ, որ չի հասկնար դատաստանդ եւ Օրէնքդ: Քու իմաստութիւնդ ղրկէ քու սուրբ երկինքէդ, քու փառքի աթոռէդ, որպէսզի գայ եւ իմ մէջս հանգչի, եւ գիտնամ թէ ինչ կը կամենաս դուն: Որովհետեւ անիկա գիտէ եւ կը հասկնայ ամէն բան եւ զգաստութեամբ պիտի առաջնորդէ զիս գործերուսմէջ: Անիկա իր փառքով պիտի պահպանէ զիս,եւ գործերս ընդունելի պիտի ըլլան, արդարութեամբ պիտի դատեմ քու ժողովուրդդ եւ արժանի պիտի ըլլամ հօրս աթոռին: Արդարեւ, ո՞վ կրնայ Աստուծոյ խորհուրդները գիտնալ: Մահկանացուներուս դատումները խախուտ են եւ մեր միտքը կը մոլորի յաճախ, որովհետեւ կորստական այս մարմինը կը ծանրացնէ հոգին, հողեղէն այս յարկը կը ծանրացնէ միտքը. դժուարաւ կը գտնենք նոյնիսկ ինչ որ մեր հասողութեան մէջ է, ու՞ր մնաց գիտնալ ի՞նչ կայ երկինքի մէջ: Ո՞վ պիտի կարենար քու խորհուրդներդ գիտնալ, ո՛վ Տէր, եթէ դուն իմաստութիւն չտայիր եւ Սուրբ Հոգիդ չղրկէիր բարձունքէդ: Անոնցմով էր որ մարդիկ իրենց ճամբան ուղղեցին եւ սորվեցան՝ ինչ որ դուն կը կամենաս, եւ քու իմաստութեամբդ փրկուեցան: Ամէն: 19


ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ANNOUNCEMENTS Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ամէն Երեքշաբթի երեկոյեան Ժամը 8։00-ին Ներկայացմամբ՝ Տարիուս Սրկ. Կիւմիւշճեանի Ամէն Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 10։30-ին Ներկայացմամբ՝ Օրդ. Սրբուհի Էվրանի Bible Study Sessions in English Every Tuesday at 8:00pm Led by Deacon Darious Gumushdjian Bible Study Sessions in Armenian Every Thursday at 10:30 am Led by Miss Surpuhi Evran HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH & BAREV CENTRE’S EVENTS SATURDAY SCHOOL Classes take place every Saturday at Forest Manor Public School: 25 Forest Manor, Toronto, ON, M2J 1M4

www.ArmenianSchool.ca SUNDAY SCHOOL Throughout the academic year the classes take place every Sunday from 10:30am-12:45pm in 'Maral Ishkanian' Hall in the lower level of our church. At Holy Trinity Church - 920 Progress Ave., Toronto, ON M1G 3T5 20


Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑԻ

ԶՐՈՅՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՀԵՏ Ամէն Ուրբաթ Սեպտեմբեր 2019-էն սկսեալ Ժամերգութիւնեւ Բժշկութեան Աղօթք, ժամը՝ 7:30-ին Հանդիպում-Զրոյց Քահանայի հետ, ժամը՝ 8:00-ին Սեպտեմբեր ամսուայ նիւթը՝

«ԸՆՏԱՆԻՔԸ» Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2019 Նիւթ՝ Ինչ է Ընտանիքը Քրիստոնէական Հասկացողութեամբ

Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019 Նիւթ՝ Սուրբ Պսակադրութիւն (Ամուսնութիւն)

Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2019 Նիւթ՝ Այր եւ Կին Փոխ-յարաբերութիւնը Քրիստոնէական Հասկացողութեամբ

Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019 Նիւթ՝ Զաւակ եւ Ծնողք Փոխ-յարաբերութիւնը Քրիստոնէական Հասկացողութեամբ Զրոյցները պիտի վարեն՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալները ներկայ գտնուելու այս հոգեպարարար արարողութեան եւ մասնակցելու այս խիստ շահեկան զրոյցներուն, ուր պիտի ներկայացուին ու քննարկուին մեզ յուզող նիւթեր քրիստոնէական տեսանկիւնէ: 21


22


23


Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան

Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian

Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան

Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian

Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com

920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 24


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.