Shogh Sunday Bulletin - November 28, 2021 #119

Page 1

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 28 NOVEMBER, 2021 – No. 119

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ՀՈԿ

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN


Ա. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ Եսայիի Մարգարէութենէն 36. 1- 9 Պօղոս Առաք. Թեսաղոնիկեցիներուն Ուղղած Առաջին Նամակէն 1.1-10 Ղուկասի Աւետարանէն 12.13-31 ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Ժամը 9։30-ին ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝

ԱՐԺ. Տ. ԶԱՐԵՀ Ա. ՔՀՆՅ. ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ Փոխառաջնորդ Եւ Հոգեւոր Հովիւ ֎

FIRST SUNDAY OF ADVENT SYNAXIS READINGS Isaiah 36:1-9 1 Thessalonians 1:1-10 Luke 12:13-31 MORNING SERVICE at 9:30 am DIVINE LITURGY at 10:30 am Celebrated by:

REV. ARCHPRIEST FR. ZAREH ZARGARIAN Vicar and Parish Priest You are welcome to attend the Church Services in person or follow the live-stream of the Divine Liturgy, Sermon and Requiem Service on Sunday, November 28, 2021 starting 10:30 am Facebook/TorontoArmenianChurch 2


ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԷՆ 1.1-10 Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով. Շընորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: Ամէն ատեն շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ՝ ձեր բոլորին համար, յիշելով ձեզ մեր աղօթքներուն մէջ, անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը, սիրոյ աշխատանքը, եւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօր առջեւ, գիտնալով՝ սիրելի եղբայրներ՝ թէ Աստուած ընտրեց ձեզ: Որովհետեւ մեր աւետարանը քարոզուեցաւ ձեզի ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, Սուրբ Հոգիով ու լման վստահութեամբ: Դո՛ւք ալ գիտէք թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ՝ ձեզի համար, եւ դուք նմանեցաք մեզի ու Տիրոջ, ընդունելով խօսքը շատ տառապանքի մէջ՝ Սուրբ Հոգիին ուրախութեամբ: Հետեւաբար դուք տիպար եղաք բոլոր հաւատացեալներուն՝ որ Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ են, որովհետեւ ո՛չ միայն Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ հռչակուեցաւ Տիրոջ խօսքը ձեզմէ, այլ նաեւ ամէն տեղ տարածուեցաւ Աստուծոյ վրայ ձեր ունեցած հաւատքը, այնպէս որ պէտք չունինք որեւէ բան խօսելու. քանի որ իրենք իրենցմէ կը պատմեն մեր մասին, թէ ինչպիսի՛ մուտք ունեցանք ձեր մէջ, եւ ի՛նչպէս դուք կուռքերէն դարձաք Աստուծոյ՝ ապրող ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար, եւ երկինքէն սպասելու անոր Որդիին՝ որ ինք մեռելներէն յարուցանեց, այսինքն Յիսուսի, որ կ՚ազատէ մեզ գալիք բարկութենէն:

3


ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 12.13-31 Բազմութեան մէջէն մէկը ըսաւ անոր. «Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս՝ որ ինծի հետ բաժնէ մեզի ինկած ժառանգութիւնը»: Ան ալ ըսաւ անոր. «Մա՛րդ, ո՞վ նշանակեց զիս իրաւարար կամ բաժնող՝ ձեր վրայ»: Ապա ըսաւ անոնց. «Ուշադի՛ր եղէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. որովհետեւ մէկուն ստացուածքներուն առատութենէն կախուած չէ իր կեանքը»: Առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին, եւ ան կը մտածէր ինքնիրեն՝ ըսելով. “Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ տեղ չունիմ՝ ուր բերքերս ժողվեմ”: Եւ ըսաւ. “Սա՛ պիտի ընեմ. պիտի քանդեմ ամբարներս, պիտի կառուցանեմ աւելի՛ մեծերը, հոն պիտի ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս, եւ պիտի ըսեմ անձիս. «Ո՛վ իմ անձս, շատ բարիքներ ունիս՝ դիզուած շատ տարիներու համար. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ զուարճացի՛ր»”: Բայց Աստուած ըսաւ անոր. “Անմի՛տ, այս գիշեր անձդ պիտի պահանջուի քեզմէ. ուստի որո՞ւ պիտի ըլլան այդ պատրաստած բաներդ”: Այսպէս է ան՝ որ գանձ կը դիզէ ինքնիրեն համար, բայց չի հարստանար Աստուծոյ մօտ»: Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ուստի կը յայտարարեմ ձեզի. “Մի՛ մտահոգուիք ձեր անձին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. որովհետեւ անձը կերակուրէն աւելի է, ու մարմինը՝ հագուստէն: Դիտեցէ՛ք ագռաւները, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստւած կը կերակրէ զանոնք. դուք ո՜րչափ աւելի կ՚արժէք թռչուններէն: Ձեզմէ ո՞վ կրնայ մտահոգուելով կանգո՛ւն մը աւելցնել հասակին վրայ: Հապա եթէ չէք կրնար ամենափոքր բանը փոխել, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք ուրիշ բաներու համար: Դիտեցէ՛ք շուշանները, թէ ի՛նչպէս կ՚աճին: Ո՛չ կ՚աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց կը յայտարարեմ ձեզի թէ Սողոմոն ալ՝ իր 4


ամբողջ փառաւորութեան մէջ՝ չհագուեցաւ անոնցմէ մէկուն պէս: Ուստի եթէ խոտը, որ այսօր դաշտի մէջ է ու վաղը փուռը պիտի նետուի, Աստուած ա՛յդպէս կը հագուեցնէ, ո՜րչափ աւելի ձե՛զ, թերահաւատնե՛ր: Ա՛լ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՛նչ պիտի ուտէք եւ ի՛նչ պիտի խմէք, ու մի՛ շփոթիք. որովհետեւ աշխարհի ազգե՛րը կը փնտռեն այդ բոլոր բաները, եւ ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք պէտք են ձեզի: Հապա դուք խնդրեցէ՛ք Աստուծոյ թագաւորութիւնը, ու այդ բոլոր բաներն ալ պիտի տրուին ձեզի”»: 1ST THESSALONIANS 1:1-10 Paul, Silas and Timothy, To the church of the Thessalonians in God the Father and the Lord Jesus Christ: Grace and peace to you. We always thank God for all of you and continually mention you in our prayers. We remember before our God and Father your work produced by faith, your labor prompted by love, and your endurance inspired by hope in our Lord Jesus Christ. For we know, brothers and sisters loved by God, that he has chosen you, because our gospel came to you not simply with words but also with power, with the Holy Spirit and deep conviction. You know how we lived among you for your sake. You became imitators of us and of the Lord, for you welcomed the message in the midst of severe suffering with the joy given by the Holy Spirit. And so you became a model to all the believers in Macedonia and Achaia. The Lord’s message rang out from you not only in Macedonia and Achaia—your faith in God has become known everywhere. Therefore, we do not need to say anything about it, for they themselves report what kind of reception you gave us. They tell how you turned to God from idols to serve the living and true God, and to wait for his Son from heaven, whom he raised from the dead—Jesus, who rescues us from the coming wrath. 5


LUKE 12:13-31 Someone in the crowd said to him, “Teacher, tell my brother to divide the inheritance with me.” Jesus replied, “Man, who appointed me a judge or an arbiter between you?” Then he said to them, “Watch out! Be on your guard against all kinds of greed; life does not consist in an abundance of possessions.” And he told them this parable: “The ground of a certain rich man yielded an abundant harvest. He thought to himself, ‘What shall I do? I have no place to store my crops.’ “Then he said, ‘This is what I’ll do. I will tear down my barns and build bigger ones, and there I will store my surplus grain. And I’ll say to myself, “You have plenty of grain laid up for many years. Take life easy; eat, drink and be merry.” ’ “But God said to him, ‘You fool! This very night your life will be demanded from you. Then who will get what you have prepared for yourself?’ “This is how it will be with whoever stores up things for themselves but is not rich toward God.” Then Jesus said to his disciples: “Therefore I tell you, do not worry about your life, what you will eat; or about your body, what you will wear. For life is more than food, and the body more than clothes. Consider the ravens: They do not sow or reap, they have no storeroom or barn; yet God feeds them. And how much more valuable you are than birds! Who of you by worrying can add a single hour to your life ? Since you cannot do this very little thing, why do you worry about the rest? “Consider how the wild flowers grow. They do not labor or spin. Yet I tell you, not even Solomon in all his splendor was dressed like one of these. If that is how God clothes the grass of the field, which is here today, and tomorrow is thrown into the fire, how much more will he clothe you—you of little faith! And do not set your heart on what you will eat or drink; do not worry about it. For the pagan world runs after all such things, and your Father knows that you need them. But seek his kingdom, and these things will be given to you as well.

6


ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՏՕՆԵՐԸ - FEASTS OF THE WEEK ԳՐԻԳՈՐ ԵՒ ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՐԾ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԻՒՌՈՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ Նոյեմբեր 27-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Նիկողայոս Զմիւռնիացի Սքանչելագործ Հայրապետի, Ս. Գրիգոր Սքանչելագործ Հայրապետի եւ Միւռոն Եպիսկոպոսի յիշատակութեան Օրը: Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ծնած է 280 թ. Փոքր Ասիոյ Լիկիա գաւառին Բաթարա քաղաքը՝(ներկայիս Անթալիա) մեծահարուստ եւ բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ: Մանուկ հասակէն կը կորսնցնէ ծնողքը եւ կը մեծնայ իր մօրեղբօր՝ Նիկողայոս Երէց եպիսկոպոսի խնամակալութեան տակ: Իր ողջ կեանքը կը նուիրէ աղքատները, հիւանդները, բանտարկեալներն ու որբերը խնամելուն: Ճշմարտօրէն ու անմընացորդ նուիրումով կը հետեւի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ուսուցմունքներուն՝ նոյնիսկ կը վաճառէ իր ծնողքներէն իրեն մնացած ողջ հարստութիւնը ու դրամը, եւ կը բաժնէ բոլոր կարիքաւոր-ներուն: Մեծ յարգանք կը

7


վայելէ ժողովուրդին մէջ եւ շուտով Ս. Նիկողայոսը կ'ըն-տըրուի որպէս Զմիւռնիոյ ե-պիսկոպոս: 325 թ. կը մասնակցի Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին: Կը մահանայ 326թ. եւ կը դառնայ ընդհանրական Եկեղեցւոյ ամենասիրուած սուրբերէն մին, որ այսօր առաւելաբար յայտնի է Santa Claus անունով: Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՐԾԸ ծնած է 210 թ. Պոնտոսի (Սեբաստիա) Նէոկեսարիա քաղաք՝ ազնըւական ընտանիքի մը մէջ: Գրիգորը կը պատրաստուի մասնագիտանալ օրէնսգիտութեան եւ հռետորութեան մէջ, սակայն Աստւած անոր եւ իր եղբօր համար նախասահմանած էր ուրիշ ապագայ: Աշակերտած է այն ժամանակուայ ամենահեղինակաւոր քրիստոնեայ մտաւորականներէն Որոգինեսին: 240 թ. Նէոկեսարիա վերադառնալով` Գրիգոր կը ձեռնադրուի քաղաքի եպիսկոպոս: Աւանդութեան համաձայն, Ս. Գրիգոր եպիսկոպոս ձեռնադրուելու օրերուն Նէոկեսարիոյ մէջ հազիւ 17 քրիստոնեայ կար, իսկ մահուան օրերուն՝ ընդամէնը 17 հեթանոս: Իր անուան հետ կապուած բազմաթիւ հրաշքներու համար արժանացած է «Սքանչելագործ» անւանը: Վախճանած է 270 թ. խաղաղ մահուամբ: Համաձայն Գրիգոր Նիւսացիին՝ Ս. Գրիգոր Սքանչելագործը, մեծ խոնարհութենէ դրդուած, կամեցած է թաղուիլ օտար տեղ մը, որպէսզի չմնայ իր անուան յիշատակը: ՄԻՒՌՈՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ծնած է Կրետէ կղզին, Յունաստան, պատուական եւ մեծահարուստ ընտանիքի մը մէջ: Իր ստացուածքը առատապէս կը բաշխէ չքաւորներուն եւ կարօտեալներուն: Ան աղօթքով, բազմաթիւ հրաշքներ կը կատարէ եւ կը ճանչցուի որպէս հրաշագործ: Միւռոն եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Կրետէի եպիսկոպոս քրիստոնեաներու հալածանքներու ժամանակ, կը քաջալերէ եւ կը խրախուսէ բոլորը հաստատ մնալու քիստոնէական հաւատքին մէջ՝ ինքը եւս անհամբեր սպասելով նահատակութեան պսակը ստանալուն: Բայց Աստուծոյ խաղաղութեամբ կը վախճանի, մօտաւորապէս հարիւր տարեկանին մէջ:

8


STS. NICHOLAS THE WONDERWORKER, GREGORY THE WONDERWORKER, AND MYRON On November 27th the Armenian Church commemorates Saint Nicholas the Wonderworker, St. Gregory the Wonderworker and the Bishop Myron. St. Nicolas The Wonderworker was a fourth-century Bishop of Myra, Lycia in Asia Minor (modern-day Turkey) and a defender of orthodoxy. St. Nicholas is also called “the wonderworker.” He was also known as a secret gift-giver and is believed to be the model for modern day Santa Claus. The holy father Nicholas was archbishop of Myra and the son of a pious couple, Epiphanius and Nooneh. He was ordained bishop by his uncle and is said to have participated in the Council of Nicea (325 AD). Because of the special care shown to children, he is considered the protector of children. When his parents died, Nicholas was left a considerable inheritance. He could have lived a life of leisure and pleasure. But he heard the call of Christ and gave his wealth to the poor and needy.He is known as the liberator of shipwrecked souls and called the “wonderworker.” St. Nicholas died of natural causes in the fourth century and a few centuries later his relics were trans¬ferred to the Italian city Bari, where a large cathedral is dedicated to him. He was truly a teacher of abstinence. (“Soorbk yev Donk” (Saints and Feast Days) by Patriarch Torkom Kooshagian). Saint Gregory the Wonderworker, Bishop of Neocaesarea, was born in the city of Neocaesarea (northern Asia Minor) to a well to do family. To further their studies in lawmaking and rhetoric, St. Gregory and his brother went to Alexandria, the center for pagan and Christian learning of the time. Here they met the famous Christian scholar Origen, who became his mentor. Later St. Gregory converted to Christianity. In 240 he returned to Neocaesaria and is appointed as the Bishop. By his saintly life, his effective preaching, working of miracles and graced guiding of his flock, the saint steadily increased the number of converts to Christ. According to tradition, when St Gregory became a Bishop, there were only seventeen Christians in Neocaesarea. At his death, only seventeen pagans remained in the city. 9


Saint Myron, Bishop of Crete, a wonderworker, in his youth was a family man, and worked as a farmer. He was known for his goodness, and assisted everyone who turned to him for help. St. Myron was ordained to the priesthood in his native city of Raucia, and afterwards people chose him as the Bishop of Crete. St Myron received from the Lord the gift of wonderworking. St Myron lived till the age of 100. ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ, Հայ ժողովրդական սովորութիւն դարձած է Յիսնակի շրջանին Յիսնակի ծաղկեպսակ պատրաստելը: Պսակը կը զարդարուի մշտադալար ճիւղերով, որու վրայ կը շարուին 7 մանիշակագոյն ու 1 ճերմակ մոմեր: Մանիշակագոյն մոմերը կը շարուին պսակի շուրջբոլորը, իսկ ճերմակը, որ չափով աւելի մէծ կ'ըլլայ, կը դրուի պսակի մէջտեղը: Յիսնակի առաջին շաբաթէն սկսեալ, 7 շաբաթներու ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուայ Կիրակնամուտին շարականներու եւ աղօթքներու ուղեկցութեամբ նոր մոմ մը կը վառուի: Մանիշակագոյն 7 մոմերը վառելը կը խորհրդանշի մահացու 7 մեղքերէ մաքրուիլը: Իսկ Ճերմակ մոմը կը խորհրդանշէ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ եւ անարատ Ծնունդը: DID YOU KNOW? The traditional Advent wreath is made of evergreen brunches formed into a circle, that symbolizes the eternal nature of God. 7 purple candles are places on this horizontal wreath and 1 large white candle is put in the middle. In the Western Advent Tradition, they have four candles instead of 7, one for each Sunday before Christmas; but since the Armenian Church has seven weeks of Advent, therefore 7 purple candles are placed. The burning of 7 candles means cleansing from the 7 deadly sins. The color purple is a symbol of royalty, and the colour white symbolizes purity and virtue. On the eve of each Sunday, accompanied with prayers and singing of hymns another candle is lit until they have all been lit on the last Sunday before the Feast of the Nativity. The white candle in the centre of the wreath represents the Christ Himself and this is lit on Christmas Eve. This is a fine custom, especially for children, as it helps them to mark the passing of the Nativity Fast. ֍ 10


Requested by Mr. & Mrs. Paul & Zaroug Ishkganian & family

In Memory of Their dear friend THE LATE MRS. NAZENI GRIGORIANS On 40th day of her passing in New York

Requested by Mrs. Christine Semerdjian Mr. Hagop Semerdjian Mr. Garo Semerdjian

In Memory of Their beloved Husband and Father THE LATE STEPHAN SEMERDJIAN On 3rd anniversary of his passing

Requested by Mr. & Mrs. Aram & Zvart Gabriel Ms Zarouhi Meldonian Mr. & Mrs. Dikran & Jeannette Meldonian Mr. & Mrs. Sarkis & Silva Meldonian

In Memory of Beloved parents and grandparents THE LATE BARKEV MELDONIAN & MARIE SARKIS On the occasion of their 10th anniversary of passing 11


ONLINE REQUIEM SUBMISSION Dear friends and parishioners, to register a requiem service in memory of your loved one(s), please contact the Church office at 416-431-3001 ext. 226 or click here to submit the information online by Friday noon to include the names for the Sunday service.

Ս. ՍԵՂԱՆԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒ՝

Տիկին Քրիսթին Սէմերճեան Տիար Յակոբ Սէմերճեան Տիար Կարօ Սէմերճեան Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԻՐԵՆՑ ՍԻՐԵՑԵԱԼ՝

ՍՏԵՓԱՆ ՍԷՄԵՐՃԵԱՆԻ *** ALTAR FLOWERS ARE SPONSORED BY

Mrs. Christine Semerdjian Mr. Hagop Semerdjian Mr. Garo Semerdjian IN LOVING MEMORY OF THE LATE STEPHAN SEMERDJIAN

12


From November 20 - 26, 2021

93rd Anniversary of Holy Trinity Armenian Church Mr. Civan Babaoglu $2,000 Mrs. Lili Agemian $1,000 Mr. Darius Gumushdjian $1,000 Ms Lara B Gumushdjian $1,000 Mr. & Mrs. Levon & Silva Mermer $1,000 Mrs. Shakeh Basmajian & Family $1,000 Dr. Isabelle Basmajian $1,000 Ms. Knar Basmadjian $500 Mr. Raffi Bedrosyan $500 Mr. & Mrs. Ara & Annie Derkevorkian $500 Mrs. Taline Gumushdjian $500 Mrs. Sara Tomasian $300 Ms Arshalouys Kalaycioglu $250 Mrs. Diana Bogosyan $200 Mr. & Mrs. Haig & Therese Der Ohanian $200 Mr. & Mrs. Madat & Tamar Mamourian $200 Mr. & Mrs. Boghos & Zaroug Ishkanian $200 Mrs. Nune Zohrabyan $200 Mr. & Mrs. Varoujan & Verjin Karabulut $100 Mrs. Hera Kavoukian $100

Annual Bazaar World EX LTD $160 Mrs. Taline Moushian $100 Ms Ivet Panosian $100 Mr. & Mrs. Sarkis and Sevan Yerevanian $100 Mr. & Mrs. Masis & Aida Afarian $100 Mrs. Shogheegh Ohnes $80 Mr. & Mrs. Ares & Elmas Mamasoglu $75 13


Mrs. Claris Gharabegi $75 Ms Marisa Gozum $50 Mrs. Lida Kirtavit $50 Mrs. Anna Gozum $50

Louma Mr. Pedros Chinchinian $100

General Mr. Guirguis Agzarian $1,000 Anonymous Donor $100

Womens' Guild Mr. Archak Sakarya $100

In Memory of The Late Jeannette Kelledjian Mr. & Mrs. Haig and Yeranouhi Kelledjian $500 Mr. & Mrs. Aram & Tili Isnar $250 Mrs. Verjin Tokmak $200 Mr. Rupen Tokmak $200 Ms. Jane Gulian Moiroux $200 Mr. & Mrs. Levon and Silva Mermer $100 Mrs. Taline Gumushdjian $100 Ms. Carolyn Drambalas & Family $100 Mr. & Mrs. Gerard & Marise Zorayan $100 Mr. & Mrs. Adom & Takuhi Knadjian $100 Mrs. Mannic Artinian $100 Mr. & Mrs. Jirayr & Bahar Evren $100 Mr. Antiran Gungordu $100 Mr. Simpat Dermen $100 Mr. & Mrs. Stephan Ohanessian $100 Mr. Hegi Ziver $100 Mrs. Ani Isnar $100 Mr. Napol Shalvardjian $100 Mrs. Talin Hacat $100 Dr. Raffy Chouljian $100 Mr. & Mrs. Sarkis and Seta Balian $100 14


Mr. Hamparsum Sahsuvaroglu $100 Mr. & Mrs. Berge & Annie Shalvardjian $100 Mrs. Maureen Gulian $100 Ms. Mary Kalaydjian $100 Mr. & Mrs. Sahak & Sofi Cicekci $100 Mrs. Virginia Misakyan $100 Mr. & Mrs. Sogomon & Areknaz Sakarya $100 Mr. & Mrs. Jack & Maggy Stepanian $100 Dn. & Mrs. Krikor & Anais Tozak $100 Mrs. Maro Mnknjian $75 Ms Helen Hovakimian $75 Ms Sonia Casbarian Young $50 Meutemedian Family $50 Mr. Jack Balian $50 Mrs. Beatrice Sanbalian $50 Mrs. Mayda Ketenjian $50 Mr. & Mrs. Alexan & Nora Baltayan $50 Mr. & Mrs. George & Mary Ternamian $50 Mr. Jack Balian $50 Mr. Raffi Baronian $50 Mrs. Hilda Giles $50 Mr. & Mrs. Antranik & Alice Baronian $50 Mr. & Mrs. Haig & Germaine Thomasian $50 Mr. & Mrs. Madat & Tamar Mamourian $50 Mr. & Mrs. Berdj & Rose MarieTanielian $50 Mrs. Nora Seropian $40 Mrs. Armine Kaltakjian $40 Mr. Stephen Tchilinguerian $25

The Late Lily Khosrovian Mr. & Mrs. Edward & Isabelle Haghnazarian $200 Mr. & Mrs. Bedo & Knar Melik $200 Mr. Alvart Keshish $50 Sarkis, Margrid & Frederic Kazarian $50 Ms Marie Kebabjian $25 Mr. & Mrs. Anjel & Zepur Nakkashian $20 15


Mrs. Stamatia Balogiannis & Ms Georgia Balogiannis $100 Mr. & Mrs. Tony & Mayda Nersessian $20

The Late Nazeli Grigorians Mr. & Mrs. Boghos & Zaroug Ishkanian $50

The Late Barkev & Marie Meldonian Mr. & Mrs. Aram & Zivard Gabriel $50

The Late Puzant Nalbandian Mrs. Nyree Nalbandian $50

The Late Hacik Boyaci Mrs. Filor Boyaci $50

Deceased Members of Babayan Family Mr. & Mrs. Edik & Anahid Babayan $50

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Շնորհակալութիւն ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։ Եթէ կը նախընտրէք ձեր անունը չյիշել կատարած նուիրատուութեան համար, կը խնդրենք նախօրօք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ:

APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416-431-3001

info@TorontoArmenianChurch.com

16


17


18


19


20


21


OUR SUNDAY SCHOOL IS OPEN NOW! We are happy to announce that Holy Trinity Armenian Church's Sunday School Registration is now open for children 4 years and older. Kindly complete the registration form online to include your child(ren) for the year 2021-22. https://www.torontoarmenianchurch.com/.../sunday-school/ Every Sunday from 11:00 am to 1:00 pm at Holy Trinity Armenian Church. For information, please contact us by email: info@TorontoArmenianChurch.com or call us at 416 431 3001 ext. 226

22


We invite you to join us at

Barev Café Saturdays from 6 to 10 pm Enjoy snacks, beverages, games and have a great time with family and friends! 920 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5 Follow us on social media @barevyouth

23


We encourage you to attend in person and join in prayers. To request a prayer, please contact the Church office Tel: 416 431 3001 info@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5 24


25


Որդի՛ Աստուծոյ, այս նեղութեան ցաւերուն մէջ տոկալու զօրութիւն տուր եւ ողորմէ՛ մեզի, ինչպէս ողորմեցար խաչելութեան ատեն քեզի խաչակից աւազակին: Շնո՛րհք տուր մեզի՝ որ համբերենք այս դառն տանջանքներուն, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք պահելու մեր լուսաւոր հաւատքին աւանդութիւնը, որ մեզի տուիր՝ որպէսզի ճանչնանք եւ կատարենք Քու կամքդ, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: ********* Քու Խաչդ թող մեզի ապաւէն ըլլայ, Տէ՜ր Յիսուս, երբ Հօրը փառքով երեւիս՝ լուսաւոր ամպերու վրայ: Այն ատեն թող ամօթով չմնա՛նք մենք՝ Քեզի յուսացողներս, այլ Քու մեծ զօրութեամբդ ուրախանանք՝ Քու աջ կողմդ բազմած, իբրեւ լոյսի որդիներ եւ փրկութեան ժառանգորդներ: Ամէն: ********* Ընդունէ՛ փառաբանական մեր արտայայտութիւնները եւ մեր խոնարհ աղօթքները, ո՛վ Տէր, անդադար բարեխօսութեամբը Քու անարատ եւ ամենաերջանիկ մօրդ՝ սուրբ կոյս Մարիամի, որ Քեզ՝ Ճշմարիտ Աստուածդ ծնաւ իբրեւ մարդ, հողեղէն իր գիրկին մէջ կրելով հողեղէններու եւ հրէղէններու ստեղծիչ հուր աստուածութիւնդ՝ իբրեւ օրինակ բոլոր բանականներուս, որ մեզ արարեցիր եւ կոչեցիր՝ աստուածակիր անօթներ ըլլալու, սրբուած տաճարներ՝ ամենասուրբ Երրորդութեանդ: Այս անսահման, աներեւակայելի եւ անպատմելի շնորհքիդ համար յաւէտ կ’օրհնե՜նք Քեզ: Ամէն: 26


RECEPTION SPACE Dear faithful, The Holy Trinity Armenian Apostolic Church continues to welcome parishioners to attend religious services in person. The Church provides the space for families to host coffee and sweets receptions following memorial service at the church. You must show your proof of second vaccination against Covid-19 and ID to be able to use the lower level facilities at the Holy Trinity Armenian Church. Children under 12 years old do not have to show proof of vaccination. If you are unable to be fully vaccinated for a medical reason, you need to show a written document from a physician or nurse practitioner. Thank you and we look forward to seeing you soon! Pastor and Parish Council Holy Trinity Armenian Apostolic Church

ԹԵԹԵՒ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ Սիրելի հաւատացեալներ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին կը շարունակէ ընդունիլ իր հաւատացեալները անձնապէս մասնակցելու կրօնական արարողութիւններու: Յետ Հոգեհանգստեան, տեղ կը տրամադրուի այն բոլոր ընտանիքներուն, որոնք պիտի փափաքին սուրճի եւ անուշեղէնի հիւրասիրութիւն սպասարկութիւն ունենալ: Հաճեցէք նկատի ունենալ որ եկեղեցւոյ գետնայարկը իջնելու եւ գործածելու համար, պայման է որ երկրորդ պատուաստման փաստ ներկայացնէք: 12 տարեկանէն վար փոքրերու համար նման փաստաթուղթ պայման չէ: Եթէ որեւէ բժշկական կամ առողջական պատճառով պատուաստուած չէք, պայման է որ ձեր բժիշկէն կամ վկայեալ բուժքոյրէ մը պաշտօնական նամակ ներկայացնէք: Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան: Ձեզ տեսնելու յոյսով՝ Հոգեւոր Հովիւ եւ Ծխական Խորհուրդ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի 27


Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան

Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian

Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան

Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian

Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com

28


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.