![](https://assets.isu.pub/document-structure/210921113438-f2fe8e240c3f515d7746398ce66b3955/v1/72dd8cd90ae17af0c6c8c65b44cde611.jpeg?width=720&quality=85%2C50)
5 minute read
Երեխաներու եւ Երիտասարդներու Ծրագիրներու Դրական
![](https://assets.isu.pub/document-structure/210921113438-f2fe8e240c3f515d7746398ce66b3955/v1/c9e37b716ba2535bee818aa3edf050c7.jpeg?width=720&quality=85%2C50)
Advertisement
![](https://assets.isu.pub/document-structure/210921113438-f2fe8e240c3f515d7746398ce66b3955/v1/4abb0e159af4f3747ae7ef91733c8f2d.jpeg?width=720&quality=85%2C50)
W;r1 Dokt1 |aroujiun S;lim;an*
Քրիստոնեայ անհատին համար յոյսը նման է օդին, որ կը շնչէ: Երբ քրիստոնեան այս հեռանկարը կորսնցնէ, անոր կեանքը անշարժ կը դառնայ: 2011-ի գարնան Սուրիոյ մէջ բռնկած ահաբեկչական գործողութիւնները կարճ ժամանակի մէջ վերածուեցան լայնատարած պատերազմի, ետեւ ետեւի ընդգրկեցին երկրին զանազան գաւառները՝ ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելով խաղաղ բնակչութիւնը, սակայն ժողովուրդը անսալով Բարձրեալին եւ շնորհիւ համայնքներու յոյս ներշնչող ծրագիրներուն կրցաւ գոյատեւել:
Սուրիոյ աւերիչ պատերազմին ազդեցութիւնը իր խոր հետքը թողուց մարդկային զանազան խաւերուն վրայ: Ասպնջական Սուրիան, որ տասնամեակներէ ի վեր եռացող տարածաշրջանի մը անդորր ովասիսը կը սեպուէր, դարձաւ համաշխարհային քաղաքական ուժերու միջեւ կռուախնձոր՝ պատերազմի դաշտի վերածուելով: Սուրիոյ հայութիւնը, ինչպէս ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդը, ծանր կորուստներ կրեց պատերազմին հետեւանքով:
Պատերազմը նաեւ կորսուած, չապրուած մանկութիւն է։ Երեխաներ են, որոնք իրենց վտիտ ուսերուն շալկեցին պատերազմի ամբողջ ծանրութիւնն ու դաժանութիւնը։ Շատեր կորսնցուցին տուն-տեղ, դարձան անօթեւան։ Ուրիշներ ապրեցան պատերազմին սարսափելի արհաւիրքը, ներկայ եղան մահուան անկուշտ խրախճանքին, կորսնցուցին ընտանիքի անդամներ՝ հայր, մայր, երբեմն երկո՛ւքը եւ դարձան որբ ու անպաշտպան։ Շատ-շատեր դարձան գաղթական, բաժնուեցան իրենց հարազատներէն, դասընկերներէն, քաղաքէն, քաղաքացիներէն եւ այն ապահով միջավայրէն, որ անհոգ մանկութիւն մը պիտի պարգեւէր իրենց։ Կան նաեւ անոնք, որոնք զրկուեցան կրթութեան, խնամքի եւ առողջապահութեան տարրական իրաւունքներէն, ընկերային-հոգեբանական ամէն ձեւի աջակցութենէ, ինչ որ մարդկային բնական զարգացում մը պիտի ապահովէր իրենց։
![](https://assets.isu.pub/document-structure/210921113438-f2fe8e240c3f515d7746398ce66b3955/v1/759c7462664b83abadce17dd4daff617.jpeg?width=720&quality=85%2C50)
Ուստի, մանուկին հոգեկան ներաշխարհը հարուստ պահելու եւ քրիստոնէական կրթութիւն ջամբելու միտումով 2002-ին Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ բացուած Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Կեդրոնը, որ մինչ օրս ալ կը շարունակէ մնալ այն հոգեշնորհ վայրը, ուր կը տարուի քրիստոնէական դաստիարակութեան բազմաբնոյթ աշխատանք, կը լսուի, կը մեկնաբանուի ու կը սերտուի Աւետարանին խօսքերը, պատերազմի օրերուն դարձաւ ապահով ապաստարանն ու դրական ներկայութիւն մանուկներու կեանքէն ներս։
Այս հանգրուանին վերականգնումի հիմնական կիզակէտը կարելի էր առանձնացնել գաղութային մակարդակով: Մարդակերտումը տուեալ գաղութի մը համար հիմնական գործօնը եղաւ՝ որքան ալ թուային պատկերները նօսրացած էին: Վերակառուցման ռազմավարութիւնը այժմու պահանջքն էր ժողովուրդին նկատմամբ միախառնելով նաեւ դրական մտածողութիւն սերմանելը հանդէպ ապագային:
Ուշագրաւ էր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան քաջալեր կեցուածքով մասնագիտական ուսումնարաններու կողմէ արհեստավարժական կրթութեան հայթայթումը յատուկ այն երիտասարդներուն, որոնք կորսնցուցած էին իրենց գործարանները եւ կամ փափաք ունէին նոր արհեստներ որոնելու իրենց ամէնօրեայ ապրուստը ապահովելու նպատակով: Սոյն ծրագիրը նպատակ ունէր մարդկային ուժերու յայտնաբերման ու զարգացման թիրախ ունենալով յատկապէս այն անձերը, որոնք պատերազմի հետեւանքով ծանր վնասներ կրեցին ի միտի ունենալով ինքնավստահութիւն սերմանել, ստեղծել կենցաղային կայուն վիճակ: Արհեստավարժ հմուտ անձերու առաջնորդութեամբ մասնակիցները կրցան գործի նոր ասպարէզ որդեգրել:
Որքան մեծ ուրախութիւն եւ յոյսի ներշնչանք մը եղաւ սոյն ծրագիրը, յատկապէս այն երիտասարդներուն, որոնք կարիքին կողքին աշխատելու մեծ կորով ու հաստատուն կամք ունէին: Դասընթացքը նախապատրաստական փուլ մը կարելի էր համարել: Քաջալերելի էր երիտասարդութեան եռանդուն մասնակցութիւնն ու նորարարութիւնը իւրացնելու մարմաջը:
Համայնքներուն նախաձեռնած մանուկներուն ու երիտասարդութեան ուղղուած ծրագիրները նպատակադրուած էին հոգեկան կայուն եւ ապահով տարածք հայթայթելու, որպէսզի իւրաքանչիւրին մատղաշ հոգին պատերազմի արհաւիրքի հետքէն ձերբազատելով վերագտնէ իր խաթարուած յիշողութիւնը, թարմացնէ իր հետաքրքրութիւնները եւ վերահաստատէ իր նկարագրի դրծուածքը:
Կ՚ապրինք դժուար ժամանակներու մէջ, ծանր ու չնախատեսուած պայմաններով շրջապատուած։ Մեր անհատական, ընտանեկան թէ համայնքային ու ազգային կեանքին դիմաց ցցուած են հսկայ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ։ Այս կացութեան դիմաց, մենք կոչուած ենք հեռու վանելու մեր կեանքէն մեզ դէպի յուսահատութիւն առաջնորդող հոգեվիճակներն ու առնուելիք քայլերը։ Շարունակաբար հաւատքով շաղախուած կեանքն ու ոճը յոյսն է մեր ծաղկուն ապագայի։ q
* Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան
Համայնքապետն է Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի։
![](https://assets.isu.pub/document-structure/210921113438-f2fe8e240c3f515d7746398ce66b3955/v1/e3ead0dd44e316c8b74adf2d050247f2.jpeg?width=720&quality=85%2C50)