Fa\;rhn Bavin
ºñ»Ë³Ý»ñáõ »õ ºñÇï³ë³ñ¹Ý»ñáõ Ìñ³·ÇñÝ»ñáõ ¸ñ³Ï³Ý ²½¹»óáõÃÇõÝÁ êáõñÇáÛ Ù¿ç …Քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք։ Մատթ. 40. 25
Ք
W;r1 Dokt1 |aroujiun S;lim;an* րիստոնեայ անհատին համար յոյսը նման է օդին, որ կը շնչէ: Երբ քրիստոնեան այս հեռանկարը կորսնցնէ, անոր կեանքը անշարժ կը դառնայ: 2011-ի գարնան Սուրիոյ մէջ բռնկած ահաբեկչական գործողութիւնները կարճ ժամանակի մէջ վերածուեցան լայնատարած պատերազմի, ետեւ ետեւի ընդգրկեցին երկրին զանազան գաւառները՝ ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելով խաղաղ բնակչութիւնը, սակայն ժողովուրդը անսալով Բարձրեալին եւ շնորհիւ համայնքներու յոյս ներշնչող ծրագիրներուն կրցաւ գոյատեւել: Սուրիոյ աւերիչ պատերազմին ազդեցութիւնը իր խոր հետքը թողուց մարդկային զանազան խաւերուն վրայ: Ասպնջական Սուրիան, որ տասնամեակներէ ի վեր եռացող տարածաշրջանի մը անդորր ովասիսը կը սեպուէր, դարձաւ համաշխարհային քաղաքական ուժերու միջեւ կռուախնձոր՝ պատերազմի դաշտի վերածուելով: Սուրիոյ հայութիւնը, ինչպէս ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդը, ծանր կորուստներ կրեց պատերազմին հետեւանքով: Սուրիահայ համայնքը յատկանշող կարեւորագոյն իւրայատկութիւնը անոր ընկերային կեանքն է: Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին նիւթական եւ մարդկային վնասներուն կողքին բացասական ազդեցութիւն կրեց նաեւ ընկերային կեանքը, յատկապէս մանուկներուն ու երիտասարդութեան համար: Պատերազմի թոհ ու բոհին հետքերը մեղմացնելու, անհատական արժեհամակարգերը խարխաբումի չենթարկելու եւ բարոյապէս կայուն դրուածքի մէջ պահելու միտումով մանուկներուն եւ երիտասարդներուն ուղղուած ծրագիրներ մշակուեցան, որոնք իրենց դրական ներդրումով ակնառու դերակատարութիւն ունեցան անոնց հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ: Այս ծիրին մէջ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքը, ազգին անբաժան մէկ մասը ըլլալով ժողովուրդին նեցուկ կանգնեցաւ՝ դիմագրաւելու համար աննախատեսելի եւ ահարկու դժուարութիւնները: Ժողովուրդին՝ Եւ յատկապէս փոքրերուն եւ երիտասարդներուն դժուարին պայմաններուն մէջ նեցուկ կանգնիլը առաջնահերթութիւն սեպելով, ամէն ջանք ի գործ դրուեցաւ կենսական պէտքեր ապահովելու, որպէսզի մարդիկ յոյսը չկորսնցնեն ներկայի ու ապագայի նկատմամբ:
44 | AMAA NEWS, July-Aug-Sept 2021
Օրն ի բուն, յոյս ներշնչելն ու սերմանելը խօսքի սահմաններուն մէջ պիտի չի մնար, հապա սերմը, հունտը եւ կեանքի կենսունակութիւնը ապահովող եւ երաշխաւորող գործօնները հայթայթելը եղաւ առաջնային տառապեալ ու բազմաչարչար ժողովուրդին՝ փոքրերուն եւ երիտասարդներուն։ Հալէպահայ գաղութի աւելի քան 1500 ընտանիքներ մշտական խնամքի ու հոգածութեան կեդրոն դարձան: Տրամադրուած նպաստները բազմատեսակ էին, ինչպիսին են՝ սննդեղէն, նիւթական, ջուրի մատակարարում եւ կենցաղային՝ տնական վարձքերու ապահովում, բժշկական, մաքրողական եւ այլազան պէտքեր: Այս բոլորին կողքին, անտարակոյս, ուշադրութեան հսկողութեան տակ էին յատկապէս մանուկներն ու երիտասարդները։ Պատերազմի հետեւանքով սերունդ մը զրկուեցաւ անհոգ ու զուարթ կեանքէ, ապրեցաւ վախի, ցուրտի ու խաւարի, մահուան սարսափի ու այլ տարրական զրկանքներու մէջ։ Պատերազմը նաեւ կորսուած, չապրուած մանկութիւն է։ Երեխաներ են, որոնք իրենց վտիտ ուսերուն շալկեցին պատերազմի ամբողջ ծանրութիւնն ու դաժանութիւնը։ Շատեր կորսնցուցին տուն-տեղ, դարձան անօթեւան։ Ուրիշներ ապրեցան պատերազմին սարսափելի արհաւիրքը, ներկայ եղան մահուան անկուշտ խրախճանքին, կորսնցուցին ընտանիքի անդամներ՝ հայր, մայր, երբեմն երկո՛ւքը եւ դարձան որբ ու անպաշտպան։ Շատ-շատեր դարձան գաղթական, բաժնուեցան իրենց հարազատներէն, դասընկերներէն, քաղաքէն, քաղաքացիներէն եւ այն ապահով միջավայրէն, որ անհոգ մանկութիւն մը պիտի պարգեւէր իրենց։ Կան նաեւ անոնք, որոնք զրկուեցան կրթութեան, խնամքի եւ առողջապահութեան տարրական իրաւունքներէն, ընկերային-հոգեբանական ամէն ձեւի աջակցութենէ, ինչ որ մարդկային բնական զարգացում մը պիտի ապահովէր իրենց։ Մանուկներուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն կարիքներուն հասնիլը համազգային պարտաւորութիւն մը եղաւ, որպէսզի իւրաքանչիւր մանուկ օր առաջ թօթափէ վիշտի ու կարեկցութեան ամօթը եւ ապրի արժանապատիւ կեանքով ու մանկութեամբ, իր բոլոր երազները իրականութիւն դարձնելու անպարտելի կամքով։ Համայնքէն ներս նաեւ երիտասարդները իրենց նկատառելի թիւով եւ այլ միջավայրերու մէջ ներգրաւուածու-