Shogh Sunday Bulletin - August 22, 2021 Issue #105

Page 1

ՕԳՈՍՏՈՍ 22 AUGUST , 2021 – No. 105

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN


Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ Ա. ԿԻՐԱԿԻ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ 11.30-12.4 ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 2.10-13 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ 2-ՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 6.16-7.1 ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 1.39-56

Առաւօտեան Ժամերգութիւն Ժամը 9։30-Ին Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝ ԱՐԺ. Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր Հովիւի Օգնական

֎ FIRST SUNDAY AFTER THE ASSUMPTION OF THE HOLY MOTHER OF GOD SYNAXIS READINGS PROVERBS 11.30-12.4; ZECHARIAH 2.10-13; 2 CORINTHIANS 6.16-7.1;LUKE 1.39-56

Morning Service at 9:30 am Divine Liturgy at 10:30 am Celebrated by: REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor’s Assistant You are welcome to attend the Church Services in person or follow the live-stream of the Divine Liturgy, Sermon and Requiem Service on Sunday, August 22, 2021 starting 10:30 am Facebook/TorontoArmenianChurch 2


ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐԱԾ 2-ՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 6.167.1 Եւ ի՞նչ համաձայնութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ, որովհետեւ դուք ապրող Աստուծոյ տաճարն էք՝ ինչպէս Աստւած ըսաւ. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց մէջ պիտի շրջիմ. Անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան: Ուստի ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ զատուեցէ՛ք,- կ՚ըսէ Տէրը:- Անմաքուր բանի մի՛ դպչիք, ու ես պիտի ընդունիմ ձեզ. ես Հայր պիտի ըլլամ ձեզի, ու դուք՝ իմ որդիներս եւ աղջիկներս պիտի ըլլաք,- կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը»: Ուրեմն, սիրելինե՛ր, այս խոստումները ունենալով՝ մաքրե՛նք մենք մեզ մարմինի ու հոգիի ամէն տեսակ պղծութենէ, եւ կատարելագործե՛նք սրբացումը Աստուծոյ վախով: ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 1.39-56 Այդ օրերը Մարիամ կանգնեցաւ, փութալով գնաց լեռնակողմը՝ Յուդայի մէկ քաղաքը, մտաւ Զաքարիայի տունը եւ բարեւեց Եղիսաբէթը: Երբ Եղիսաբէթ լսեց Մարիամի բարեւը, երախան խայտաց անոր որովայնին մէջ. իսկ Եղիսաբէթ լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով, ու բարձրաձայն գոչելով ըսաւ. «Դուն օրհնեա՜լ ես կիներուն մէջ, եւ օրհնեա՜լ է որովայնիդ պտուղը: Այս ի՞նչպէս եղաւ, որ իմ Տէրոջս մայրը եկաւ ինծի. որովհետեւ ահա՛ երբ քու բարեւիդ ձայնը հասաւ ականջիս, երախան ցնծութենէն խայտաց որովայնիս մէջ: Երանի՜ անոր՝ որ հաւատացած է, որովհետեւ՝՝ պիտի կատարուին այն բաները՝ որոնք Տէրոջմէն ըսուեցան իրեն»: Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծարէ Տէրը, եւ իմ հոգիս ցնծաց իմ Փրկիչ Աստուծմովս, քանի որ նայեցաւ իր աղախինին նուաստութեան. արդարեւ ահա՛ ասկէ ետք՝ բոլոր սերունդները երանելի պիտի կոչեն զիս, որովհետեւ Հզօրը մեծամեծ բաներ ըրաւ ինծի: Անոր անունը սուրբ է, 3


եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է՝ սերունդէ սերունդ: Իր բազուկով զօրութիւն ցոյց տուաւ, ցրուեց ամբարտաւանները իրենց սիրտին երեւակայութեամբ: Զօրաւորները իջեցուց իրենց գահերէն, ու բարձրացուց նուաստները: Անօթիները լիացուց բարիքներով, եւ պարապ ճամբեց հարուստները: Օգնութեան հասաւ իր Իսրայէլ ծառային, յիշելով իր ողորմութիւնը ինչպէս ինք խոստացած էր մեր հայրերուն - Աբրահամի եւ անոր զարմին հանդէպ՝ յաւիտեան»: Մարիամ անոր քով մնաց՝ գրեթէ երեք ամիս, ապա վերադարձաւ իր տունը: 2 CORINTHIANS 6.16-7.1 What agreement is there between the temple of God and idols? For we are the temple of the living God. As God has said: “I will live with them and walk among them, and I will be their God, and they will be my people.” Therefore, “Come out from them and be separate, says the Lord. Touch no unclean thing, and I will receive you.” And, “I will be a Father to you, and you will be my sons and daughters, says the Lord Almighty.” Therefore, since we have these promises, dear friends, let us purify ourselves from everything that contaminates body and spirit, perfecting holiness out of reverence for God. LUKE 1.39-56 At that time Mary got ready and hurried to a town in the hill country of Judea, where she entered Zechariah’s home and greeted Elizabeth. When Elizabeth heard Mary’s greeting, the baby leaped in her womb, and Elizabeth was filled with the Holy Spirit. In a loud voice she exclaimed: “Blessed are you among women, and blessed is the child you will bear! But why am I so favored, that the mother of my Lord should come to me? As soon as the sound of your greeting reached my ears, the 4


baby in my womb leaped for joy. Blessed is she who has believed that the Lord would fulfill his promises to her!” And Mary said: “My soul glorifies the Lord and my spirit rejoices in God my Savior, for he has been mindful of the humble state of his servant. From now on all generations will call me blessed, for the Mighty One has done great things for me— holy is his name. His mercy extends to those who fear him, from generation to generation. He has performed mighty deeds with his arm; he has scattered those who are proud in their inmost thoughts. He has brought down rulers from their thrones but has lifted up the humble. He has filled the hungry with good things but has sent the rich away empty. He has helped his servant Israel, remembering to be merciful to Abraham and his descendants forever, just as he promised our ancestors.” Mary stayed with Elizabeth for about three months and then returned home.

Մենք գիտցանք Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած սէրը, ու հաւատացինք: Աստուած սէր է. ա՛ն որ կը բնակի սիրոյ մէջ՝ կը բնակի Աստուծոյ մէջ, եւ Աստուած՝ անոր մէջ: 1 Յովհ. 4:16 And so we know and rely on the love God has for us. God is love. Whoever lives in love lives in God, and God in them. 1 John 4:16

5


IMPORTANT ANNOUNCEMENT Dear faithful, According to the directions established by the officials at the city of Toronto, we can welcome you to attend Sunday Divine Liturgies, weddings, baptisms, funerals and all religious services, rite, or ceremonies in person. Please note everyone is required to wear masks, register their name, and contact information and follow the social distancing regulations. Please contact the Church office if you have any questions: Tel: 416-431-3001 ext. 226 or by email: info@TorontoArmenianChurch.com We look forward to seeing you soon! Parish Council, Holy Trinity Armenian Church

ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Սիրելի հաւատացեալներ Թորոնթօ քաղաքի իշխանութիւններու ցուցմունքներուն համաձայն, Կիրակնօրեայ Պատարագները, Հոգեհանգստեան արարողութիւնները, խորհրդակատարութիւնները, յուղարկաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Չորեքշաբթի երեկոներու եւ Հինգշաբթի առաւօտներու ժամերգութիւնները, տեղի պիտի ունենան հաւատացեալու ներկայութեամբ: Կը Խնդրենք նկատի ունենալ, թէ եկեղեցի մուտք գործելէ առաջ պարտաւոր էք դիմակներ կրել, գրանցել ձեր անունն ու կապի տուեալները եւ եկեղեցւոյ մէջ պահպանել իրարմէ ապահով հեռաւորութիւն պահելու կանոնները: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք կապ հաստատել եկեղեցւոյս գրասենեակին հետ` 416 431 3001 Ext 226 կամ ե-նամակով՝ info@TorontoArmenianChurch.com Ձեզ տեսնելու ուրախութեամբ` Սբ. Երրորդութիւն Հայց Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդ 6


ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ՝ Ս. ՅՈՎԱԿԻՄԻ ՈՒ Ս. ԱՆՆԱՅԻ ԵՒ ԻՒՂԱԲԵՐ ԿԱՆԱՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ Օ Ր Oգոստոս 24, 2021

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման իննօրեակին յաջորդող Երեքշաբթի օրը, այս տարի Օգոստոս 24-ին, Հայց. Առաք. Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Յովակիմի ու Ս. Աննայի եւ Իւղաբեր Կանանց Յիշատակութեան Օրը: Յովակիմ եւ Աննա ծնողքն էին Ս. Մարիամ Աստուածածնին: Բարեպաշտ եւ մեծահարուստ Յովա-

կիմը ծագումով Իսրայէլի տան արքայական զարմէն էր՝ Յուդայի ցեղէն եւ Դաւիթի ազգէն, իսկ Ս. Աննան՝ քահանայական զարմէ: Աւանդութեան համաձայն՝ օր մը տաճարին մէջ ընծայ մատուցանելու ատեն քահանան կը պատուիրէ որ Յովակիմը շարքին վերջը կենայ, քանի որ անիկա անզաւակ էր: Ասկէ վշտացած` Յովակիմ դուրս կուգայ տաճարէն եւ անմիջապէս լեռը կը բարձրանայ` երդում ընելով, որ հոնտեղէն պիտի չ'իջնէ մինչեւ Աստուծմէ այցելութիւն ստանայ: Աննա ամուսնոյն օրինակին 7


հետեւելով նոյնպէս անդադար կ'աղօթէր: Աստուած լսեց անոնց աղօթքները եւ հրեշատակը անոնց երեւցաւ՝ յայտնելով որ Աստւած անոնց զաւակ պիտի պարգեւէ եւ անոր անունը երանելի պիտի ըլլայ համայն երկրի վրայ։ Ծնողքը կ'որոշեն իրենց զաւակը նուիրել Աստուծոյ: Երբ լրացան օրերը, շնորհանունն Աննա ծնաւ իր դուստրը, եւ անունը կոչեց Մարիամ, որ տարբեր ձեւերով կը ստուգաբանուի տարբեր լեզուներու մէջ՝բարձրութիւն, տիրուհի, լուսաւորեալ, որոնք կը յարմարին մեր Տիրամօրը։ Իւղաբեր կանայք Յիսուսի չարչարանքներու, թաղման եւ խաչելութեան ականատեսներն են: Անոնք Տիրոջ Յարութեան առաջին աւետաբերներն են: Եկեղեցւոյ կողմէ անnնք կը կոչուին «իւղաբեր», որովհետեւ Կիրակի առաւօտեան գացին գերեզման` Յիսուսի մարմինը իրենց պատրաստած անուշահոտ իւղերով օծելու: Իրենց անձնուիրութեան շնորհիւ անnնք արժանացան առաջինը տեսնելու Յարուցեալ Փրկիչը եւ յայտնեցին առաքեալներուն: Անոնք նաեւ խմբովին ներկայ էին Հոգեգալուստին վերնատանը մէջ եւ առաքեալներու հետ ստացան Սուրբ Հոգիի շնորհները:

COMMEMORATION OF STS.JOACHIM AND ANNA AND OIL-BEARING WOMEN The Armenian Apostolic Church commemorates the memory of St. Joachim and Anna together with the Oil-Bearing Women on Tuesday August 24. According to the tradition, St. Joachim was a descendant of King David, and St. Anna was the daughter of a priest. In Nazareth there lived a rich and pious couple, Joachim and Anne. They were childless. When on a feast day Joachim presented himself to offer sacrifice in the temple, the priest asked him to stand at the end, as he was childless. Upset Joachim left the temple and climbed up the mountains, vowing not to come down until he receives a divine message from God. Having learned the reason of the prolonged absence of her husband, Anna also devoted herself to 8


prayer. God answered their prayers and the Angel of God brought the message, that God will grant them a child whose name will be known to the world. When the child was born, the joyful parents named their daughter Mary, which means "Illuminated” and decided to devote her to the Church. The oil-bearing women are the first to give the good tidings of the Resurrection of our Lord. They followed Christ during the time of His earthly mission and crucifixion. The church calls them "Oil-Bearing Women" because on Sunday morning after the crucifixion and burial of our Lord Jesus Christ it was them that went to the tomb to anoint the body of Christ with aromatic witnessed the Risen God and told about it to Apostles. They were in the attic during feast of Pentecost and together with the Apostles received the graces of the Holy Spirit.

֍ ՍՈՒՐԲ ԵՐԵՄԻԱՅ ՄԱՐԳԱՐէԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ Օգոստոս 26, 2021 Հայ Առաքելական Եկեղեցին Երեմիայ մարգարէի յիշատակը կը տօնէ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին յաջորդող երկրորդ Հինգշաբթի օրը: Երեմիայ մարգարէն Հին Կտակարանի մեծագոյն դէմքերէն է եւ Աստուածաշունչի չորս մեծ մարգարէներէն մին: («Երեմիայ» անունը կը նշանակէ «Աստուած կը բարձրացնէ»): Երեմիայ ծնած է Երուսաղէմէն ոչ շատ հեռու գըտ9


նըւող Անաթովթ գիւղը: Անոր հայրը՝ Քեղկիան, քահանայ էր: Երեմիա քարոզած եւ ապրած է Երուսաղէմ: Երիտասարդ տարիքէն Աստուծոյ կողմէ կանչուած ըլլալով` հրաժարած է կեանքի բոլոր վայելքներէն ու սրտի խորին նուիրումով ծառայած է իր մարգարէական կոչման: Աստուած ըսաւ անոր.

«Ահա իմ խօսքերս քու բերանդ դրի։ Նայէ՛, ես այսօր քեզ ազգերու վրայ Եւ թագաւորութիւններու վրայ կայնեցուցի, Որպէս զի խլես ու փլցնես եւ կորսնցնես ու աւերես, Նաեւ շինես ու տնկես» (Երեմ. 1:9-10): Իր ազգի մոլորուած ընթացքին պատճառաւ ան ճշմարիտ աստուածպաշտութիւն կը քարոզէր, որպէսզի մարդիկ փոխեն իրենց ընթացքը, իրարու հետ արդար եւ ուղիղ ապրին: Կռապաշտութեան եւ կեանքի դժուարութիւներու մէջ ապրող ժողովուրդը չէր հասկնար անոր, մինչդեռ Երեմեայ կը մարգարէանար Երուսաղէմի ու Տաճարի կործանման մասին: Իր համարձակ խօսքերու համար Երեմիայ բանտարկուեցաւ ջրհորի մը մէջ: Երեմիայ Մարգարէն գրած է Հին Կտակարանի կարեւոր գիրքերէն՝ «Մարգարէութիւն Երեմիոյ», «Ողբք Սրբոյն Երեմիայ մարգարէի»:

COMMEMORATION OF THE PROPHET JEREMIAH The Holy Prophet Jeremiah, one of the four great Old Testament prophets, was son of the priest Helkiah from the city of Anathoth near Jerusalem. He lived 600 years before Christ, under the Israelite king Josiah and four of his successors. He was called to prophetic service at the age of fifteen, and Lord promised to be always with him and to watch over him. “Behold, I have put My words into your mouth. Behold, I have appointed you this day over nations and kingdoms, to root out and to pull down, to destroy and to rebuild, and to plant” (Jer. 1:9-10). From that time for twenty-three years Jeremiah prophesied, denouncing his people for abandoning the true God and worshipping idols, predicting sorrows and devastating wars, and the fall of Jerusalem and the destruction of Temple. For that he was imprisoned. Under the Jewish king Zedekiah his prophecy was fulfilled, when Nebuchadnezzar invaded and slaughtered many people, carried off a remnant into 10


captivity, and Jerusalem was pillaged and destroyed. Nebuchadnezzar released the prophet from prison and permitted him to live where he wanted. The prophet remained at the ruins of Jerusalem and bewailed his nation’s misfortune. Later he was taken to Egypt by force by Jews. Even in Egypt he continued to rebuke his fellow exiles. According to a tradition, while in Egypt, Jeremiah prophesied that the King of Babylon would invade Egypt and annihilate the Jews living there. For this he was stoned to death by his exasperated fellow countrymen. There is a tradition, that 250 years later, Alexander the Great transported the relics of Prophet Jeremiah to Alexandria. The Prophet Jeremiah wrote his Book of Prophecies and also the Book of Lamentations about the desolation of Jerusalem and the Exile.

֍ Ս. ԹՈՎՄԱՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹՅԱՆ ՕՐ Հայ եկեղեցին Թովմաս առաքեալի յիշատակը կը տօնէ Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման երրորդ Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը, այս տարի Օգոստոս 28-ին: Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութենէն յետոյ, երբ միւս առաքեալները կը վկայէին եւ կը պնդէին թէ տեսած են յարուցեալ Քրիստոսը, Թովմասը թերահաւատօրէն կը պնդէր թէ ինք կը հաւատայ միայն այն պարագային, երբ իր աչքերով տեսնէ Յիսուսը եւ իր ձեռքը մխրճէ Անոր խոցուած կողին մէջ: Քանի մը օր անց, Վերնատան մէջ Յիսուս կը յայտնուի թերահաւատ առաքեալին: Հաւատալով կատարուած հրաշքին, Թովմաս ծունկի կու գայ եւ կը խոստովանի. «Տէ’ր իմ եւ Աստուած իմ» (Յովհ. 20: 28): Ըստ աւանդութեան՝ Թովմասը Աստուծոյ խօսքը քարոզած է Հռոմի կայսրութեան սահմաններէն դուրս եւ հասած է մինչեւ Հնդկաստան, ուր նահատակուած ու թաղուած է Մադրաս քաղաքին մօտ:

11


COMMEMORATION OF ST. THOMAS On Saturday August 28 the Armenian church commemorates St. Thomas the Apostle. St. Thomas was one of 12 Apostles and was skeptical at first when other Apostles told him that Jesus had risen from the dead

and appeared to the them. Thomas said, “Except I shall see in his hands the print of the nails, and put my finger into the print of the nails, and thrust my hand into his side, I will not believe.” But later, when Jesus appeared and told Thomas to touch his wounds and behold him, Thomas showed his belief by saying, “My Lord and my God”. Jesus then said, “Thomas, “You believe because you have seen me. Blessed are those who believe without seeing me.” In this passage we see that not only did St. Thomas believed that Christ had resurrected and appeared to them, but he also proclaimed Christ’s divinity. (John 20:24-29) St. Thomas is said to have traveled outside the Roman Empire to preach the Gospel. He went as far as India, where he was martyred on a hill which is now called “Mount of St. Thomas” near Madras. 12


Requested by Mrs. Rita Musliyan Mr. & Mrs. Adrian & Dalita Dokmecian and son Ari Rev. Fr. Vasken Kuzuyan and Ygn. Arpi Kuzuyan and daughter Alina Miss Sasnuhi Musliyan, Miss Sasvart Musliyan & Mr. Sasun Musliyan

In Memory of LATE ADROUSHAN MUSLIYAN On the occasion of 15th anniversary of his passing As well as THE LATE YEVPIME MUSLIYAN On the occasion of 14th anniversary of her passing

Requested by Elmira Mouradian Ani Mouradian, Stephanie Mouradian & Hakop Mouradian

In Memory of Their beloved father and grandfather THE LATE ROBERT HOVANNISYAN On 40th day of his passing in Armenia as well as THE LATE JOSEPHINE MOURADIAN AIDA HOVANNASYAN STEPHAN MOURADIAN & HARUTJUN SICILIAN AND ANNA HOVANNISYAN 13


Requested by Mrs. Olida Dournayan and Family Mr. & Mrs. Sarkis & Margret Tellyan and Family

In Memory of THE LATE VAROUJAN DOURNAYAN On 1st anniversary of his passing and THE LATE KEGHANOUSH DOURNAYAN and THE LATE HOVHANNES DOURNAYAN

Requested by Mr. & Mrs. Zareh and Seta Mahseredjian Mr. & Mrs. Chahe & Darina Dekirmendjian and children Adriana & Andre Mr. & Mrs. Vahe & Susan Dekirmendjian and children Gianni & Katrina Mr. & Mrs. Vache & Stephanie Hagopian and son, Stefen

In Memory of THE LATE ANAHID DEKIRMENDJIAN On the occasion of 2nd anniversary of her passing As well as in memory of all departed souls of DEKIRMENJIAN, TOROSSIAN, ABAJIAN AND BERBERIAN FAMILIESTHE

14


Requested by Mrs. Loretta Sarkissain, Mr. & Mrs. George & Christine Hovhannessian and Georgette Gevorgian

In Memory of THE LATE ELEANORA ACHIG HOVHANNESSIAN On 2nd anniversary of her passing EDWARD OHANIAN On 1st anniversary of his passing as well as all deceased members of HOVHANNESSIAN, OHANIAN, SARKISSIAN & GEVORGIAN FAMILIES

Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝ ԲԱՐԵՊԱՇՏ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՄԸ *** Altar flowers are sponsored by FAITHFUL PARISHIONER WHO PREFERS TO REMAIN ANONYMOUS The arrangements provided by Ken’s Flowers on Avenue 15


LIST OF DONATIONS TO HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH AUGUST 14 - 20, 2021

General Donation Mr. & Mrs. Allen & Sonia Atamer $500 Mr. & Mrs. Andre & Seza Nazarian $300 Azerooni Belderian $200 Mr. & Mrs. Aram & Arusyak Atamer $150 Dr. Nana Sogomonian $150 Mrs. Vicki Kesian $100 Mrs. Cecilia Jaladian Abajian $100 Mrs. Loussward Babapour Deykaleh $100 Mrs. Aurora Kashkarian $100 Mr. Tigran Osipov $100 Mr. & Mrs. Zadig & Nvart Mirzoyan $100 Mr. & Mrs. Khatchig & Zvart Mirzoyan $100 Mr. & Mrs. Rostom & Vivian Mirzoyan $100 Mr. & Mrs. Sahag & Sofia Cicekci $100 Anonymous Donor $100 Yeretsgin Naira Zargarian $50 Mrs. Calabrina Boyajian $50 Mrs. Jayran Martin $50 Mr. Vartkes Rubenyan $50 Mrs. Vartouhi Minassian $40 Mrs. Sara Tomasian $30 Ms Silva Baberian $30

Grape Blessing Mrs. Odet Pirdjahan $100 Mrs. Rita Musluyan $50 Dr. & Mrs. Nurel & Lena Beylerian $50

Feast of St. Mary’s Assumption Miss Hasmig Kurdian $100 16


Womens' Guild Mr. Yesai Libarian $300 Mr. & Mrs. Andre & Seza Nazarian $200 Mr. & Mrs. Avedis & Ardemis Moushian $100 Yeretsgin Naira Zargarian $50

Louma Mr. Kirkor Ozsogomonyan $150 Mrs. Grace Tchaghlassian $100 Mr. & Mrs. Shahe & Maria Altounian $50

In Memory of The Late Lena Tonbazian Mrs. Taline Tonbazian And Family $200 Ms Marie Nakhnikian and Family $100 Ms Keghouhi Bastajian $100 Stanley and Jeffrey Goldfarb $100 Mrs. Ayda Kesisyan $50 Mr. & Mrs. Hagop & Tina Tcherkezian $40

The Late Kamal Garabet Ms Valerie Garabet $200

The Late Adrushan Musluyan Mrs. Rita Musluyan $100

The Late Sirvart & Khachig Kurdian Mrs. Arpiné Altounian $100

The Departed Souls of Melkonian & Ziretsian Families Mr. Megurdich Melkonian $20

APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. 17


OUR SUNDAY SCHOOL RE-OPENING ON SEPTEMBER 12, 2021 We are happy to announce that Holy Trinity Armenian Church's Sunday School Registration is now open for children 4 years and older. Kindly complete the registration form online to include your child(ren) for the year 2021-22. https://www.torontoarmenianchurch.com/.../sunday-school/ The first day of Sunday School is on Feast of Holy Cross, September 12, 2021 and will continue every Sunday from 11:00 am to 1:00 pm at Holy Trinity Armenian Church. For information, please contact us by email: info@TorontoArmenianChurch.com or call us at 416 431 3001 ext. 226 18


We invite you to join us at

Barev Café Saturdays from 6 to 11 pm Sunday’s after Divine Liturgy Enjoy snacks, beverages, games and have a great time with family and friends! 920 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5 Follow us on social media @barevyouth 19


We encourage you to attend in person and join in prayers. To request a prayer, please contact the Church office Tel: 416 431 3001 info@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5 20


21


22


23


Ամենակալ Տէր, Դուն որ փառքով կը պսակես Քեզի յուսացողները եւ կը կատարես Քեզմէ վախցողներուն փափաքը, մեզ ալ արժանի ըրէ, Տէ՜ր, որ Քու վրադ մեր յոյսը պահենք, եւ համբերութիւն տուր մեզի որ մեր ընթացքը կատարենք այս նեղութեամբ, որուն մէջ կը գտնուինք: Դուն՝ որ մեր ցաւերը կը բժշկես, սրտաբեկները կ’առողջացնես, նեղեալները կը հանդարտեցնես, կապուածները կ’արձակես, սգաւորները կը մխիթարես, անյոյսներուն յոյս կու տաս, խռովածներուս՝ հանգիստ, եւ յոգնածները նաւահանգիստ կը հասցնես, Դուն՝ որ սիրով կը նայիս քու արարածներուդ եւ քու քաղցրութեամբդ կը կերակրես բոլորը, տո՛ւր մեզի, Տէ՜ր, որ մենք ալ պսակը առնենք բոլոր անոնց հետ՝ որոնք արժանի ըրիր քու անունիդ համար մեռնելու փառաւոր մահուամբ, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք յափշտակուելու քու սիրելի Որդիիդ դիմաւորութեան, երբ գայ իր ճառագայթող լոյսին մէջ առնելու սրտանց իրեն փափաքողները, եւ ճշմարտութեամբ դատելու ամբողջ տիեզերքը իր բարկութեան կրակով: Փա՜ռք քեզի, Որդիիդ եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: 24


To take home one of these beautiful prayer boxes, we ask for a minimum $20 per box donation, proceeds of which will be allocated to the operating expenses of the Holy Trinity Armenian Church. A tax-deductible receipt will be issued for amounts donated in excess of $20 per box. 25


26


27


28


29


Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան

Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian

Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան

Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian

Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 30


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.