ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 26 SEPTEMBER, 2021 – No. 110
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
ԵՐՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆ ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ
ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ 3.18-26 ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷ 65.22-25 ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 6.14-18 ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 24.30-36 Առաւօտեան Ժամերգութիւն Ժամը 9։30-Ին Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝
ԱՐԺ. Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր Հովիւի Օգնական
֎ THIRD SUNDAY OF THE EXALTATION OF THE HOLY CROSS FAST OF THE HOLY CROSS OF VARAK
SYNAXIS READINGS PROVERBS 3:18-26 ISAIAH 65:22-25 GALATIANS 6:14-18 MATTHEW 24:30-36
Morning Service at 9:30 am Divine Liturgy at 10:30 am Celebrated by:
REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor’s Assistant
You are welcome to attend the Church Services in person or follow the live-stream of the Divine Liturgy, Sermon and Requiem Service on Sunday, SEPTEMBER 26, 2021 starting 10:30 am Facebook/TorontoArmenianChurch 2
ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 6.14-18 Բայց ես ամե՛նեւին պիտի չպարծենամ, այլ միայն մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչով. անով աշխարհը խաչուած է ինծի համար, ես ալ՝ աշխարհի: Որովհետեւ Քրիստոս Յիսուսով ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ անթլփատութիւնը, հապա՝ նոր արարած ըլլալը: Խաղաղութիւն ու ողորմութիւն բոլոր անոնց վրայ՝ որ այս կանոնին համաձայն կ՚ընթանան, եւ Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ: Ասկէ ետք ո՛չ մէկը թող անհանգստացնէ զիս. որովհետեւ ես մարմինիս վրայ կը կրեմ Տէր Յիսուսի վէրքին սպիները: Եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր հոգիին հետ: Ամէն: ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 24.30-36 Եւ ա՛յն ատեն մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւնայ երկինքի մէջ: Այն ատեն երկրի բոլոր տոհմերը պիտի հեծեծեն, ու պիտի տեսնեն մարդու Որդին՝ որ կու գայ երկինքի ամպերուն վրայ, զօրութեամբ ու մեծ փառքով: Եւ ան պիտի ղրկէ իր հրեշտակները բարձրաձայն փողով, ու պիտի հաւաքեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»: «Թզենիէ՛ն սորվեցէք առակ մը. երբ անոր ոստերը կակուղնան եւ տերեւները ցցուին՝ կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է: Նո՛յնպէս դուք՝ երբ տեսնէք այս բոլոր բաները, գիտցէ՛ք թէ մօտ է՝ դռներուն քով: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլոր բաները ըլլան”: Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնա՛ւ պիտի չանցնին»: 3
«Իսկ այդ օրն ու ժամը՝ ո՛չ մէկ մարդ գիտէ, ո՛չ ալ երկինքի հրեշտակները, հապա՝ միա՛յն իմ Հայրս: GALATIANS 6:14-18 May I never boast except in the cross of our Lord Jesus Christ, through which the world has been crucified to me, and I to the world. Neither circumcision nor uncircumcision means anything; what counts is the new creation. Peace and mercy to all who follow this rule—to the Israel of God. From now on, let no one cause me trouble, for I bear on my body the marks of Jesus. The grace of our Lord Jesus Christ be with your spirit, brothers and sisters. Amen. MATTHEW 24:30-36 “Then will appear the sign of the Son of Man in heaven. And then all the peoples of the earth c will mourn when they see the Son of Man coming on the clouds of heaven, with power and great glory. And he will send his angels with a loud trumpet call, and they will gather his elect from the four winds, from one end of the heavens to the other. “Now learn this lesson from the fig tree: As soon as its twigs get tender and its leaves come out, you know that summer is near. Even so, when you see all these things, you know that it e is near, right at the door. Truly I tell you, this generation will certainly not pass away until all these things have happened. Heaven and earth will pass away, but my words will never pass away. “But about that day or hour no one knows, not even the angels in heaven, nor the Son, but only the Father.
4
ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ - THIS SUNDAY ՏՕՆ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ Ըստ պատմիչ Ագաթանգեղոսի Հռիփսիմեանց կոյսերը փախչելով Դիոկղետիանոս կայսրի հալածանքներէն կը հասնին Հայաստան եւ կ՛ապաստանին Վաղարշապատի հնձաններուն մէջ։ Նախքան Վաղարշապատ հասնիլը, անոնք կը բնակին նաեւ՝ Վանայ Լիճէն դէպի հարաւ-արեւելք գտնուող Վարագայ լերան վրայ։ Հռիփսիմէ կոյսը` կուրծքէն կախած Տիրոջ խաչափայտի սրբազան մասունքը ապահովութեան նպատակով կը յանձնէ այնտեղ աղօթող ճգնաւորներուն, խնդրելով որ զայն պահեն քարայրներէն մէկուն մէջ։ Խաչափայտի Սուրբ մասունքը այնտեղ պահուած կը մնայ մինչեւ 7 րդ դար։ 653-ին երբ Թոդիկ ճգնաւորը իր Հովել անունով աշակերտին հետ կ՛աղօթէր Վարագայ լերան վրայ խնդրելով Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ գտնելու Ս. Խաչի պահուած վայրը, յանկարծ լուսեղէն 12 սիւներ ի յայտ կու գան լերան շուրջ, որոնց միջեւ կ՛երեւար լուսաւոր խաչը։ 12 օրեր շարունակ լուսեղէն սիւները տեսանելի կը դառնան մինչեւ հեռաւոր վայրեր, մեծ ուրախութիւն սփռելով ամէնուր։ Ներսէս շինող կաթողիկոսը եւ Թէոթորս իշխանի որդի՝ Վարդ սպարապետը երբ կը լսեն լուրը կ՛երթան Վարագայ լեռ, տեսնելու կատարուած հրաշքը։ Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդի աջակցութեամբ այնտեղ կը կառուցէ փառաւոր եկեղեցի մը, զոր կը կոչէ Սուրբ Նշան։ Այս առթիւ Ներսէս հայրապետի կողմէ գրուած «Նշանաւ Ամենայաղթ» անզուգական շարականը կ՛երգուի եկեղացական տօնական օրերուն։ Խաչի սրբազան մասունքը կը մնայ Վարագայ վանքի մէջ մինչեւ 1021 թուականը, ապա Սենեքերիմ Արծրունին զայն կը տեղափոխէ Սեփաստիա։ Մասունքը յետագային՝ 1651ին կը գերեվարուի, սակայն 1655 թուականին ան կ՛ազատագրուի ու կը զետեղուի Վանի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ , որ կը վերանուանուի ու կը կոչուի Ս. Նշան։ Մասունքը կը մնայ այնտեղ մինչեւ 1915 թուականը։ Ներսէս շինող հայրապետը կարգ կը սահմանէ, որ ամէն տարի տօնակատարուի «Վարագայ Սուրբ Տօնը»։ Տասներկու եկեղեցիներ
5
կը կառուցուին տասներկու լուսեղէն սիւներու երեւցած վայրերուն վրայ։
FEAST OF THE HOLY CROSS OF VARAK According to tradition when St. Hripsime and her companions came to Armenia to escape emperor Diocletian, she brought a relic of Holy Cross with her. Before leaving for Vagharshabad, St Hripsime hid it in the Mounts of Varak and only couple of pious monks knew its location. After her martyrdom and the death of the monks, the relic remained hidden in the secret place for nearly 300 years. In the year 653, hermit Todik of Glak began looking for the relic. Todik’s prayers to find it were answered and he was shown the location of Holy relic in a vision: he suddenly saw a wonderful light on the top of mountain Varak, surrounded by 12 luminous columns. Monks Todik and Joel followed the light and found the relic of Holy Cross resting on the Holy Altar. The Catholicos, St. Nerses III the Builder, came to Varak to witness the miracle. He ordered that each year the Sunday closest to September 28 (September 25 - October 1) be dedicated to the Holy Cross-of Varak. First the relic was placed at the Monastery of Varak and later in the church the Holy Sign and remained there until 1021, when Senekerim Ardzrouni brought the relic to Sebastia. After his death the relic is again transferred to its old place and remained there until it was taken to Khoshab in 1651. Four years later the relic is returned and placed in the Church of Holy Mother of God in Van, which later was renamed the Church of Holy Sign. The relic was preserved there till 1915. 6
Unfortunately, after the Armenian Genocide the whereabouts of the relic are unknown. ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ, Վարագայ Սուրբ խաչի մասունքը նախապէս կը պատկանէր Կլաուդիոս կայսեր կնոջը՝ Պատրոնիկէին: Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքը անոր տուած էր Երուսաղէմի առաջին Եպիսկոպոս Յակոբոս առաքեալը, երբ ինք ուխտի գացած էր Երուսաղէմ: Կայսրուհին մասունքը կը տանի Հռոմ, որը սերունդէ սերունդ փոխանցելով կը հասնի Հռիփսիմէին, քանի որ սուրբ կոյսը Կլաուդիոս կայսեր սերունդէն էր: Ս. Հռիփսիմէն անբաժան էր այդ սուրբ մասունքէն, որու վրայ թափուած էր Տէրոջ Փրկարար Արիւնը: Երբ, Դիոկղետիանոս կայսրը կամեցաւ կնութեան առնել սուրբ Հռիփսիմէն, Ս. Կոյսը հաւատարիմ մնալով իր հաւատքին, մերժեց կայսրեր առաջարկը եւ Ս. Գայիանէ մայրապետի գլխաւորութեամբ՝ եօթանասուն կոյսերու հետ միասին, փախան նախ Եգիպտոս, ապա՝ Երուսաղէմ: Հոս, Ս. Աստուածածնի գերեզմանի վրայ աղօթած ատեն ստացան աստուածային պատգամ՝ երթալու Թադէոս առաքեալի ճամբով: Հնազանդելով հրամանին՝ անոնք գացին նախ Եդեսիա, ապա շարունակեցին իրենց ճանապարհը դէպի Հայաստան՝ իրենց հետ հայոց աշխարհ բերելով Տիրոջ խաչափայտի մասունքը: DID YOU KNOW? Originally, the relic of the Holy Cross of Varak was given to Empress Petronice, the wife of Emperor Claudius. It was given to her by the first Bishop of Jerusalem St. James the Apostle. Empress took the relic of the Holy Cross to Rome, and it was passed from generation to generation. Eventually the relic St. Hripsime inherited the relic, as she belonged to the noble lineage of Emperor Claudius. When the Emperor Diocletian was determined to marry St. Hripsime, she refused him, and soon she fled Rome with St. Gayane and 70 nuns to escape prosecutions. First they went to Egypt, than to Jerusalem. Here they were praying on the Gravesite of St. Mary, asking for direction. Having received the answer to their prayers, the nuns followed the divine message. They went first to Edessa, and later continued their way to 7
Armenia, bringing with them the relic of the holy Cross to the land of Ararat. ՎԱՐԱԳԱՅ ՎԱՆՔԸ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆ Մեծ վանեցի Խրիմեան Հայրիկ, Վանայ իր առաջնորդութեան շրջանին, Վարագայ վանքին մէջ կը բանայ դպրոց, ձեռագրատուն, տըպարան ու զարկ կու տայ մշակութային եռուն գործունէութեան։ Վարագայ վանքը այնուհետեւ կը դառնայ գաւառի մշակութային կեդրոնը։ Որոշ ժամանակ մը այս դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն ըրած է նաեւ մեծ վիպասան Ռաֆֆին:
ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒՆԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՏՕՆԵՐԸ Սուրբ Խաչի երեւման, Խաչվերաց, Վարագայ Ս. Խաչի եւ Ս․ Խաչի գիւտ։ Չորս տօներէն երեքը կը նշուին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներէն ներս. իւրայատուկ է Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, որ կը նշուի միայն հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Խաչվերացի տօնէն երկու շաբաթներ ետք՝ Սեպտեմբեր 25-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1-ի միջեւ հանդիպող Կիրակի օրը։
8
ՏՕՆԵՐ- FEASTS ՏՕՆ Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐԻ Խաչվերացի երկրորդ կիրակիին յաջորդող Շաբաթ օրը (այս տարի Սեպտեմբեր 25-2021-ին), Ս. Գէորգի յիշատակութեան օրն է: Ս. Գէորգ ծնած է Կապադովկիա, քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ: Երիտասարդ հասակէն ծառայած է հռովմէական բանակին մէջ եւ իր խիզախութեան շնորհիւ արժանացած է հազարապետի աստիճանի: Ընդդիմացած է Դիոկղետիանոս Կայսեր քրիստոնեաները հալածելու ծրագրին, որով բացայայտած է իր քրիստոնեայ ըլլալը: Կայսրը բանտարկած է Գէորգը՝ անոր ենթարկելով չարչարանքներու: Կայսրը շատ կը փորձէր համոզել Գէորգը ետ դառնալու հեթանոսական կրօնին: Իր բազում թախանձանքներուն տեղի տալով՝ Գէորգը կը համաձայնի կուռքերուն զոհ մատուցանել: Բայց հասնելով մեհեան կը ջարդէ բոլոր կուռքերը: Այս յանդուգն արարքին համար Դիոկղետիանոս կայսրը 303 թուականին գլխատել կու տայ Ս. Գէորգը: Բազմաթիւ աւանդութիւններ հիւսուած են Ս. Գէորգի մասին: Ասոնցմէ ամենածանօթը այն է, որ Գէորգը սպաննելով վիշապը ազատած է կոյս մը, եւ ասոր համար կ’ընդունուի որպէս վիշապասպան սուրբ: Անգլիացիները Սուրբ Գէորգ Զօրավարին կը համարեն իրենց պահապան սուրբը:
FEAST OF ST. GEORGE THE WARRIOR On Saturday September 25th, the Armenian Church commemorated St. George the Warrior. S. George was born and raised in a pious Christian family in Cappadocia. At the young age he served in the Roman army, and due to his courage and heroic deeds he is soon promoted to the rank of a Captain. St. George openly opposes Roman Emperor Diocletian's plans to persecute Christians, and the fact that he is Christian, is revealed. In rage and disbelief, the Emperor orders to imprison St. George and subjects him to torture. The emperor continuously tries to convince St. George to turn away from Christianity. His efforts seem to pay off, when St. George agrees to offer sacrifice to idols. But when he reached the temple St. George one by one destroyed the statues of idols proving their falsehood. 9
This as a result, in 303 Diocletian orders to behead St. George. St. George is considered to be the patron saint of England. Ս.ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՏՕՆԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. Գէորգի տօնը յատուկ շուքով կը նշուի Ս. Գէորգ անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ: Շատ եկեղեցիներու մէջ տօնակատարութիւնը կը սկըսին Շաբաթ օրուայ Երեկոյեան ժամերգութեամբ. կը կատարւի նախատօնակ, ընթերցում Ս. Գէորգի Վարքէն: Տօնի օրը բոլոր Սբ. Գէորգ եկեղեցիներէն ներս կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Յաւարտ Ս. Պատարագի կը կատարուի Մատաղի օրհնութիւն եւ հիւրասիրութիւն: Աւանդութեան համաձայն, Ս. Գէորգի տօնի օրը Էջմիածինէն Արագածոտնի մարզի Մուղնու Ս. Գէորգ Եկեղեցի կը բերուի Ս. Գէորգ զօրավարի մասունքը եւ հաւատացեալները առիթ կ'ունենան հաղորդուելու Սուրբի մասունքին: Աւանդոյթի համաձայն Ս. Գէորգի տօնի օրը Երեւանի Նորագաւիթ համայնքի բնակիչները յաւարտ Ս. Պատարագի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բակը յատուկ մատաղ կը մատուցեն: Այս տօնը կը նշանաւորուի նաեւ Նորագաւիթի խորհրդանիշը համարուող դեղձի օրհնութեամբ: Օրհնութեան համար բերքի լաւագոյն մասը կը բերուի եկեղեցի եւ օրհնուած դեղձերով կը հիւրասիրուին բոլորը: Ս. Գէորգ Զօրավարը կը համարուի նաեւ զինուորներու պահապան սուրբը, եւ այդ օրը եկեղեցի գալով հաւատացեալները յատուկ 10
կ'աղօթեն իրենց զինուորներու ապահովութեան համար եւ կը հայցեն սուրբի բարեխօսութիւնը: Արդէն աւանդոյթ դարձած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի պաշտօնական բացումը տօնել Սուրբ Գէորգի տօնին օրը: Ճեմարանը հիմնադրուած է 1874 թ. Երջանկայիշատակ Գէորգ IV կաթողիկոսի կողմէ եւ Հայաստանի մէջ գործող երեք հոգեւոր հաստատութիւններէն մին է:
26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ, ՅԱՒԱՐՏ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ,
Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐ ՏՕՆԻ ԱՌԻԹՈՎ Սիրով կը հրաւիրենք ներքոյիշեալ անունները կրող մեր հաւատացեալները ստանալու Աստուծոյ օրհնութիւնը
ԳԷՈՐԳ, ԳԷՒՕ, ԳԵՒԻԿ, ՃՈՐՃ, ԺՈՐԺ, ԺՈՐԺԷԹ, ԺՈՐԱ ՁԵՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ԱՊՐԻ՛Ք ON SUNDAY, SEPTEMBER 26th on the occasion of feast of
ST. GEORGE THE WARRIOR the following names are celebrated: KEVORK, KEVO, KEVIG, GEORGE, JORJ, JORJET, JORA FOLLOWING THE DIVINE LITURGY INDIVIDUALS WHO CARRY THE NAMES LISTED ABOVE ARE INVITED TO RECEIVE GOD’S BLESSING.
11
Requested by Mrs. Mary Kenaraki Mr. & Mrs. Hayro and Alenoush Aghazarian and children, Eric and Elien Aghazarian Mr. Heros and Manoushak Aghazarian and daughter, Alice Aghazarian
In Memory of Their beloved Husband, Father and Grandfather THE LATE BARSEGH AGHAZARIAN On 40th day of his passing
Requested by Chahe Tonbazian Vartan & Margueritte and daughter Robin Tonbazian Nazo & Taline Tonbazian and Children Nazar Krikor Tonbazian Jr. Sareen Satamian Vahe and Talar Hamparian and Great Grandchildren
In Memory of Their beloved Mother and Grandmother THE LATE LENA TONBAZIAN (TOMBAZIAN) On 40th day of her passing
12
Requested by Mrs. Arpine Maghakian Mrs. Maggy Libarian and Mr. Harout Aren Libarian Mr. & Mrs. Mardig & Yamile Maghakian and children Mr. & Mrs. Alex & Carin Talaslian and children Mr. Vicken Maghakian and children Mr. & Mrs. Shaunt & Caroline Libarian and children Mr. Ara Libarian & Ms Amanda Cabral Mrs. Meline Jikerjian Mr. And Mrs. Sarkis & Natalie Gokchenian and children Mrs. Albera Boujoukian Mr. And Mrs. Sam & Maral Shokoohideh and Mr. Sirus Shokoohideh
In Memory of Their beloved Husband, Father, Grandfather, Great-Grandfather, Brother and Uncle HAROUT “HARRY” MAGHAKIAN On 1st anniversary of his passing
Requested by Mr. & Mrs. Harout & Maria Chichian George & Maral Chichian and Family
In Memory of THE LATE AIDA POSHOGHLIAN on 1st anniversary of her passing in Aleppo, Syria
13
Requested by Mr. & Mrs. Vahram Derian Mr. & Mrs. Sarkis & Anoush Vartanian & daughters, Margo and Caroline Mr. & Mrs. Haig & Natalie Derian and daughters, Noemi & Cilicia Mr. & Mrs. Mesrob & Margo Vartanian & family Mr.& Mrs. Harout & Elmas Dargounian & family
In Memory of THE LATE SHEHRAN DERIAN On the occasion of 25th anniversary of her passing
Ս. ՍԵՂԱՆԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒ՝ ՏԻԿ. ՄԷԿԿԻ ԼԻՊԱՐԵԱՆ ԵՒ ԶԱՒԱԿՆԵՐ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԻՐԵՆՑ ՍԻՐԵՑԵԱԼ՝ ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՂԱՔԵԱՆԻ *** Altar Flowers are sponsored by MRS. MAGGY LIBRARIAN AND CHILDREN
In loving memory HAROUT MAGHAKIAN Arrangements provided by Ann’s Flowers 14
September 18 to 24, 2021 General Donation Ms Ardemis Azazian $500 Anonymous Donor $100 Mr. & Mrs. Tigran & Naria Osipov $100 Mr. & Mrs. George & Mary Ternamian $50
Membership 2021 Mrs. Turfanda Mermer $70
Louma Mrs. Arpiné Altounian $50 Mrs. Loussward Babapour $50
Sassoun Dance Group Mr. Antreas Minasoglu $100
In Memory of The Late Araxe Kaharian Mr. Matthew Bazajian and family $250 The Late Michael Joseph Martin & Veronica Martin Eleanor, Christine & Cheryl Martin $100
The Late Aram Baltayan Mr. & Mrs. Alexan & Nora Baltayan $100
The Late Apraham Kalamkerian Mr. Avedis Azazian $500 Mr. & Mrs. Zadeek & Seta Hettan Gorgisian $100 Mr. & Mrs. Hagop & Meline Meldonian $100 Mr. Soren Khatchatorian-Aghani $100 Mr. & Mrs. Vrej & Ani Der Nersesian $20
The Late Amalya Shahmouradian Mr. & Mrs. Samvel & Susanna Harutyunyan $100
The Late David Harutyunyan Mr. & Mrs. Samvel & Susanna Harutyunyan $150 15
Mr. & Mrs. Grigor & Gayane Shahmouradyan $100 Mr. & Mrs. Abraham & Frances Kandaharian $100 Mrs. Lena Ouzounian $100
The Late Zorig Minassain Mr. & Mrs. Minas & Nora Shaverdi $200 Mr. Hrachig Minassian $100 Mr. Hrach Shaverdi $100 Mr. & Mrs. Vahe & Hilda Tabrizi $100 Mr. Ade Minassian $50 Ms Eline Minassian $50 Mr. & Mrs. Joseph & Astghik Tabrizi $50
The Late Hagop, Anahid & Garbis Libarian - Mr. Yesai Libarian $500 The Late Kevork Artinian - Mr. Krikor Artinian $100 The Late Hripsime Khachadourian - Ms Sonia Minassian $100 The Late Levon John Saatjian - Seta Saatjian $50 The Late Karnig Khandzoghian - Ms Zabel Khandzoghian $40
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Շնորհակալութիւն ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։ Եթէ կը նախընտրէք ձեր անունը չյիշել կատարած նուիրատուութեան համար, կը խնդրենք նախօրօք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ:
APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416-431-3001
info@TorontoArmenianChurch.com
16
OUR SUNDAY SCHOOL IS OPEN NOW! We are happy to announce that Holy Trinity Armenian Church's Sunday School Registration is now open for children 4 years and older. Kindly complete the registration form online to include your child(ren) for the year 2021-22. https://www.torontoarmenianchurch.com/.../sunday-school/ Every Sunday from 11:00 am to 1:00 pm at Holy Trinity Armenian Church. For information, please contact us by email: info@TorontoArmenianChurch.com or call us at 416 431 3001 ext. 226
17
We invite you to join us at
Barev Café Saturdays from 6 to 10 pm Enjoy snacks, beverages, games and have a great time with family and friends! 920 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5 Follow us on social media @barevyouth
18
We encourage you to attend in person and join in prayers. To request a prayer, please contact the Church office Tel: 416 431 3001 info@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5 19
20
21
22
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քեզի ով Տէր, մեր Աստուածը, որ քու ողորմութեամբդ մեզ առաջնորդեցիր ցերեկուան մեր գործերուն մէջ, եւ շնորհեցիր որ միասնաբար հասնինք գիշերային այս հանգիստին: Մշտապէս կ’աղաչենք, որ մեր անձերուն պահապան ըլլաս, եւ քու ողորմութեամբդ պահես եւ առաջնորդես մեզ քու բարի հանգիստիդ, որ քեզ սիրողներուն տալ խոստացար: Քեզի կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: Քրիստոս՝ մեր Աստուածը, դուն՝ որ ընտրեցիր եւ ընդունեցիր երանելի քու վկաներդ, եւ զանոնք հաղորդակից դարձուցիր՝ կամաւոր քու չարչարանքներուդ: Արդ, քու քովդ մեզի բարեխօս կը դարձնենք՝ թէ՛ մեր երկրին եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող սուրբերը, որպէսզի անոնց աղօթքովն ու բարեխօսութեամբը՝ խաղաղացնես մեր կեանքը, մեզ փրկելով տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներէն: Շնորհէ՛, Տէ՜ր, որ մենք ալ անոնց օրինակով ապրինք, եւ ուղղափառ դաւանութեա՛մբ կնքէ մեր վախճանը, որպէսզի յաւիտենական կեանքիդ յոյսը ունենանք: Որպէսզի մե՛նք ալ արժանի ըլլանք երկնային լուսեղէն բնակարանները մտնելու, եւ ժառանգելու աշխարհի սկիզբէն ի վեր քու սուրբերուդ համար պատարստուած արքայութիւնդ: Եւ անոնց հետ միասին գոհութեամբ փառաւորենք քեզ՝ Հօրը եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: 23
24
25
26
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com
27