ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2 JANUARY, 2022 – No. 124 ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ՀՈԿ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
Զ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 51.15-52.3 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 13.18-25 ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 22.24-30 ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Ժամը 9։30-ին ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝ ՝
Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր Հովիւի օգնական
SEVENTH SUNDAY OF ADVENT SYNAXIS READINGS ISAIAH 51.15-52.3 HEBREWS 13.18-25 LUKE 22.24-30 MORNING SERVICE at 9:30 am DIVINE LITURGY at 10:30 am Celebrated by:
REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor’s Assistant You are welcome to attend the Church Services in person or follow the live-stream of the Divine Liturgy, Sermon and Requiem Service on Sunday, January 2, 2022 starting 10:30 am Facebook/TorontoArmenianChurch 2
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 13.18-25 Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ ունինք բարի խղճմտանք ու կ՚ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ: Բայց առաւելապէս կ՚աղաչե՛մ որ ընէք ատիկա, որպէսզի աւելի՛ շուտ վերադարձուիմ ձեզի: Խաղաղութեան Աստուածը, որ մեռելներէն վեր հանեց մեր Տէրը՝ Յիսուսը -ոչխարներուն մեծ Հովիւը՝ յաւիտենական ուխտին արիւնով-, ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ ձեզ՝ իր կամքը գործադրելու, ձեր մէջ իրագործելով իր առջեւ հաճելի եղածը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն: Կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ հանդուրժէք այս յորդորական խօսքիս, որովհետեւ համառօտաբար գրեցի ձեզի: Գիտցէ՛ք թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս արձակուած է. եթէ շուտով գայ՝ անոր հետ պիտի տեսնեմ ձեզ: Բարեւեցէ՛ք բոլոր ձեզ կա-ռավարողներն ու բոլոր սուրբերը. կը բարեւեն ձեզ անոնք՝ որ Իտալիայէն են: Շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն: ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 22.24-30 Վէճ մըն ալ եղաւ անոնց մէջ, թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի համարւի մեծագոյնը: Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հեթանոսներուն թագաւորնե՛րը կը տիրեն իրենց, եւ անոնք որ կ՚իշխեն իրենց վրայ՝ բարերար կը կոչուին: Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք. հապա ա՛ն որ ձեր մէջ մեծագոյնն է՝ կրտսերին պէս թող ըլլայ, ու հրամայողը՝ սպասարկուին պէս: Քանի որ ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը՝ թէ սպասարկուն: Միթէ սեղան նստողը չէ՞. սակայն ես ձեր մէջ սպասարկուի մը պէս եմ: Եւ դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը մնայիք փորձութիւններուս մէջ. ես ալ թագաւորութիւն մը կը կտակեմ ձեզի, 3
ինչպէս իմ Հայրս թագաւորութիւն մը կտակեց ինծի. որպէսզի դուք ուտէք ու խմէք իմ սեղանէս՝ իմ թագաւորութեանս մէջ, եւ բազմիք գահերու վրայ՝ դատելու Իսրայէլի տասներկու տոհմերը»: HEBREWS13.18-25 Pray for us. We are sure that we have a clear conscience and desire to live honorably in every way. I particularly urge you to pray so that I may be restored to you soon. Now may the God of peace, who through the blood of the eternal covenant brought back from the dead our Lord Jesus, that great Shepherd of the sheep, equip you with everything good for doing his will, and may he work in us what is pleasing to him, through Jesus Christ, to whom be glory for ever and ever. Amen. Brothers and sisters, I urge you to bear with my word of exhortation, for in fact I have written to you quite briefly. I want you to know that our brother Timothy has been released. If he arrives soon, I will come with him to see you. Greet all your leaders and all the Lord’s people. Those from Italy send you their greetings. Grace be with you all. LUKE 22.24-30 A dispute also arose among them as to which of them was considered to be greatest. Jesus said to them, “The kings of the Gentiles lord it over them; and those who exercise authority over them call themselves Benefactors. But you are not to be like that. Instead, the greatest among you should be like the youngest, and the one who rules like the one who serves. For who is greater, the one who is at the table or the one who serves? Is it not the one who is at the table? But I am among you as one who serves. You are those who have stood by me in my trials. And I confer on you a kingdom, just as my Father conferred one on me, so that you may eat and drink at my table in my kingdom and sit on thrones, judging the twelve tribes of Israel. 4
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սբ. Ծնունդ Սիրելի հաւատացեալներ, Նոր Տարուայ եւ Սբ. Ծննդեան նախօրեակին կ'ողջունենք ձեզմէ իւրաքանչիւրը եւ կը մաղթենք որ 2022 տարին ձեզի համար ըլլայ առողջութեան եւ գործերու յաջողութեան տարի մը: Թող Աստուած առաջնորդէ մեզ բոլորս նոր տարուայ իւրաքանչիւր օրը ապրելու խաղաղութեան, սիրոյ եւ բարեգործութեան մէջ: Թող Աստուծոյ ամենախնամ աջը պահէ եւ պահպանէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող մեր ժողովուրդի զաւակները: Թող Աստուած պահէ, պահպանէ մեր բոլորին հաւատքի եւ աղօթքի տունը՝ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին: Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցա՜ւ Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի Սբ. Ծննդեան այս օրերուն ձեզի հետ աղօթելու ուրախութեամբ, Մնամք սիրով՝ Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ *** HAPPY NEW YEAR AND MERRY CHRISTMAS Dear faithful, On the eve of the New Year and Holy Nativity, we express warm greetings to you and wish you good health and lasting prosperity for the year 2022. May the Lord Almighty guide us to have peace, kindness and love on each and every day. May our Lord protect our people in Armenia, Artsakh and the Diaspora. May the Lord protect our house of faith and worship, Holy Trinity Armenian Church. Christ is born and revealed Blessed is the revelation of Christ I Look forward to praying with you on these festive Christmas days, With love and prayer, Archpriest Fr. Zareh Zargarian Vicar, Armenian Holy Apostolic Church Canadian Diocese Parish Priest, Holy Trinity Armenian Apostolic Orthodox Church 5
6
7
8
9
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Սիրելի հաւատացեալներ. 2022 տարուայ առաջին օրը՝ 1 Յունուար-ը կը հանդիպի Շաբաթ օր, արդ, Նոր Տարուայ Սբ. Պատարագը պիտի մատուցուի Կիրակի՝ 2 Յունուար, 2022-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, որուն պիտի հետեւի նուռի օրհնութեան կարգը:
Շնորհաւոր Նոր Տարի
֍ ANNOUNCEMENT Dear faithful! The first day of 2022, January 1st, is Saturday. So, New Year՚s Divine liturgy will be served on Sunday, January 2, 2022 at 10:30 am, followed by blessing of pomegranates.
Happy New Year
10
11
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՏՕՆԵՐԸ - FEASTS OF THE WEEK
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ (ԽԹՈՒՄ) Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ (ՅՈՒՆՈՒԱՐ 5, 2022) Ս. Ծննդեան նախորդ օրը Ճրագալոյց է եւ այդ օրը կը մատուցուի Ս. Պատարագ: Ճրագալոյցի երեկոն կը կոչուի նաեւ Խթում: Այդ երեկոյ եկեղեցիներէ ներս կանթեղներ կը վառուին եւ ճրագը կը բաժնուի ժողովուրդին՝ անոնց մոմերը վառելով ու այդպէս վառած մոմերը տուն տանելով՝ որպէս խորհրդանիշ աստուածային լոյսի եւ եկեղեցւոյ օրհնութեան: Պատարագէն յետոյ կը կատարուի յաջորդ օրուայ նախատօնակը, որով կը կանխուի Սուրբ Ծննդեան շաբաթապահքը: Ժողովուրդը Տէրոջ Ս. Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութիւնը կը սկսի տօնել Յունուար 5-ի երեկոյան: Ճրագլոյցի ժողովրդական սովորութիւններն են՝ մէկը միւսին Քրիստոսի ծննդեան «Աւետիս» տալը , ապա աւանդական ընթրիքի շուրջ հաւաքուիլը, ճաշակելու համար բանջարեղէնով ուտեստներ, չոր միրգեր, ձկնեղէն, հաւկիթ, տեսակաւոր թխուածքներ ու գինի: EVE OF FEAST OF THE HOLY NATIVITY AND THEOPHANY OF OUR LORD JESUS CHRIST (January 5, 2022) On the eve of the Feast of the Nativity and Theophany of Our Lord Jesus Christ on January 5, the Jrakalouyts Divine Liturgy is celebrated. 12
That evening the church lanterns are lit and people take home the lit candles from church as a symbol of divine light and blessing. The Feast of the Holy Nativity (Christmas) is preceded by a weeklong fast (the Fast of Nativity), which begins from December 30 till January 5. According to tradition, after the Christmas Eve Mass people spread the good news of Christ's birth, and gather together at a dinner table friends and family, where traditional food such as fish, vegetable dishes and wine are served. ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ (Յունուար 6, 2022) Յունուար 6-ին, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդն ու Մկրտութիւնը կամ Աստուածայայտնութիւնը: Մինչեւ 4-րդ դարը բոլոր քրիստոնեաները Ս. Ծնունդը կը տօնակատարէին Յունուար 6-ին: Սակայն, Հռոմի կայսրութեան մէջ հեթանոսական աւանդութիւնները խափանելու պատճառով Հռոմի եկեղեցին առաջին ա նգամ 336 թուին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդի օրը տօնեց Դեկտեմբեր 25-ին: 451 թուականին, Քաղկեդոնի 4րդ Տիեզերական ժողովին, որուն Հայաստանեայց Եկեղեցին չմասնակցեցաւ, վերջնականապէս հաստատուեցաւ 13
Սբ. Ծնունդը տօնել Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Մկրտութեան տօնը թողել Յունուար 6-ին: Հայ Առաքելական եկեղեցին բացառութիւն կազմելով հաւատարիմ մնաց աւանդութեան, Ս. Ծնունդը եւ Մկրտութիունը միասնաբար կը տօնէ Յունուար 6-ին: Այսպիսով նաեւ Հայաստանեայց եկեղեցին պահեց իր ինքնուրոյնութիւնը: NATIVITY AND THEOPANY (January 6, 2022) On January 6, the Armenian Apostolic Church celebrates the Holy Birth (Sourp Dznount) and the Baptism of our Lord Jesus Christ (Theophany). By the 4th century all Christian Churches were celebrating Christmas on January 6. However, to prevent the pagan traditions within the Roman Empire, in 336 the Roman church officially declared to celebrate Christmas on December 25. During the fourth Ecumenical Council of Chalcedon in 451 (Armenian Church did not attend it), it was decided to observe the Nativity of our Lord on December 25, and Theopany on January 6th. The Armenian Apostolic Church remained faithful to the tradition and celebrates both the Holy Nativity and Theophany together on January 6. ՋՐՕՐՀՆԷՔ Յունուար 6-ին, Ս. Ծնունդի Պատարագէն յետոյ կը կատարուի Ջրօհնէքի արարողութիւն: Ջրօրհնէքի արարողութիւնը հաստատւած է ի յիշատակ Յորդանան գետի մէջ Քրիստոսի մկրտութեան՝ ձեռամբ Յովհաննէս Մկրտիչի: 14
Պատարագիչը յատուկ ընթերցուածներէն, քարոզէն եւ աղօթքէն ետք խաչով կ’օրհնէ ջուրը եւ անոր մէջ աղաւնաձեւ Միւռոնաթափէն Ս. Միւռոն կաթեցնելէ ետք ջուը կը բաժնուի հաւատացեալներուն՝ իբրեւ սրբութեան խորհրդանիշ եւ բժշկութեան միջոց: Հաւատացեալները, օրհնըւած այդ ջուրէն նաեւ տուն կը տանին, որպէսզի եկեղեցի չեկած անձներն ալ խմեն եւ հաղորդակից ըլլան Ջրօհնէքի սուրբ խորհուրդին: BLESSING OF WATER On January 6 the Armenian Church commemorates not only the birth of Christ, but also His baptism by John the Baptist, which is remembered through the "Blessing of Water" ceremony. Following the Divine Liturgy the celebrant clergy performs the ceremony of Jurorhnek, or the "Blessing of Water." During the ceremony, the cross is dipped in water to bless it. Then, the Holy Chrism (Muron) is poured into the water from a doveshaped container. The shape of containers symbolizes the appearance of the Holy Spirit in the form of a dove. At the end of the service, the members of the parish receive the blessed water to drink and take home for the family members who were not able to attend the church that day.
15
ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ Աստուածայայտնութիւնը կը յիշատակէ մեր Փրկչի մկրտութիւնը: Աստուածայայտնութիւնն այն է, որ Քրիստոսի մկրտութեան ժամանակ յայտնուեցաւ Ս. Երրորդութիւնը` Սուրբ Հոգին` Քրիստոսի վրայ աղաւնակերպ իջաւ, եւ Հօրը` ի վերուստ հնչող ձայնը ըսաւ «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ» (Մատթ. 3.17, Մարկ. 1.11, Ղուկ. 3.22 THEOPANY Theopany is referred to the Baptism of our Savior Jesus Christ in honor of his manifestation as the Son of God. During the Baptism the Holy Trinity was revealed: the Father pronounced, "This is my Son, the Beloved, with whom I am well pleased," and the Holy Spirit in the shape of a dove descended and alighted on Jesus Christ. (Matt. 3:16; Mark 1:10; Luke 3:22).
ՏԱՂ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ Այսօր տօն է սուրբ ծննդեան, աւետի՛ս. Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետի՜ս: Այսօր արեւն արդարութեան, աւետի՛ս. Երեւեցաւ ի մէջ մարդկան, աւետի՜ս: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Այսօր սուրբ կոյսն անապական, աւետի՛ս. Ծնաւ եբեր զանմահ Արքայն, աւետի՜ս: Այսօր հրեշտակք յերկնից իջեալ, աւետի՛ս Ընդ մեզ օրհնեն զանմահ Արքայն, աւետի՜ս: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
16
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնին յաջորդող օրը, այս տարի Ուրբաթ, Յունուար 7-ին, Մեռելոց Յիշատակի օր է: Այդ օրը առաւօտեան, եկեղեցւոյս մէջ կը կատարուի Ժամերգութիւն ժամը 10:00-ին եւ Հոգեհանգստեան Կարգ ժամը 11:00-ին: Եթէ կը փափաքիք Ձեր ննջեցեալ հարազատներու համար խնդրել Հոգեհանգստեան Պաշտoն հաճեցէք նախապէս հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակ:
REMEMBRANCE OF THE DEAD Following the Feast of Nativity and Theopany, on Friday January 7, 2022 is a Memorial Day or Remembrance of the Dead. On that day, there will be a Morning Service at 10:00 am and Requiem at 11:00 am in the church. If you wish to request a Requiem service for your departed loved ones, please call the church office at 416-431-3001.
17
Requested by Mr. & Mrs. Miran & Tamar Nshanian and children
In Memory of Their Beloved Mother and Grandmother THE LATE LAYLA ABDULMESSIAH GERGES On 7th day of her passing in Belgium
Requested by Irma & Karen Agaik
In Memory of THE LATE ARSHAVIR & MELINE AGAIK ALL DECEASED MEMBERS OF AGAIK AND UNCUYAN FAMILY
Requested by Mr. & Mrs. Nikol and Arazohi Margosian
In Memory of THE LATE KEGHAM AMINIAN On 7th Anniversary of his passing THE LATE KHATOON AMINIAN On 4th Anniversary of her passing
18
From December 25 to 3, 2021
93rd Anniversary of HTAC Ms Vivian Boduryan $200 Mr. & Mrs. Zohrab Kazanjian $100
93rd Anniversary of HTAC in memory of Vahe & Angele Minnetian Mrs. Sonya Djandjikian $500 Ms Vivian Boduryan $500
Christmas Offering Mr. Samir Nasri $500 Mr. Vahe Jelilian $300 Mr. Raffi Karakashian $200 Mr. Artine Terzian $200 Dr. & Mrs. Raymond & Elise Kevork $200 Mr. & Mrs. Khatchig & Zvart Mirzoyan $200 Mr. Sarkis S Keuroghlian $150 Mr. & Mrs. Wasken & Silva Keshishian $100 Mr. & Mrs. Wannes & Takuhi Mouradian $100 Mr.& Mrs. George & Sudeep Paraghamian $100 Mr. & Mrs. Khatcho & A. Yazedjian $50 Mr. & Mrs. Hagop & Meline Meldonian $100 Mr. Haroutiun Darakjian $100 Mr. & Mrs. Simon & Salpy Kutyan $100 Mr. & Mrs. Gharahbik Nevasartian & Maryam Zeynalvand $50 Mr. & Mrs. Bedros & Sonia Kokorian $100 Mr. & Mrs. Edward & Ani Avanessy $100 Mr. Mikael Kassabian $100 Ms. Iskouhi Tatourian $100 Mr. Antranig Boyrazian $50 Mrs. Alenoush Mirzayance $50 Ms Ani Gurunluoglu $40 Mr. & Mrs. Murat & Belinda Seyranoglu $30 19
Mr. Michael Kassabian $50 Mr. Konstantin Valtchev $30 Mr. & Mrs. Garbis O. & Armaveni Kaya $25
General Mr. Noubar Kokorian $300 Mr. Vartkes Rubenyan $100 Mr. Aik Nersisian $100 Mr. Kirkor Ozsogomonyan $100 Ms Sasha-Sevana Alexanian $100 Mr. Serop Meherian $100 Mr. Aram Safaryan $50 Mr. Antiryas Kalaycioglu $50 Mr. & Mrs. Vegmir & Rima Khachatourian $50 Ms Payloun Movsessian $40 Ms Sasha-Sevana Alexanian $20
Membership 2022 Ms Alice Minassian $70 Mr. Agop Agop $70 Mrs. Layla Jirgess $70 Mr. Samir Nasri $70
Louma Mrs. Cecilia Jaladian Abajian $150
2022 Calendar Mr. & Mrs. Berdj & Rose MarieTanielian $50
In Memory of The Late Lily Khosrovians Ms. Jeanette B Briere $3,202.50
The Late Sarkis Yerevanian Mr. & Mrs. Mihran & Vartouhi Jizmejian $300 Ms Vivian Boduryan $100 Ms Hasmig Kurdian $100 Ms. Hasmig Moushian $100 Mr. Hrair Jizmaji $100 Mrs. Sonya Djandjikian $50 20
The Late Hovsep Kazanjian Mr. & Mrs. Zohrab Kazanjian $200
The Late Garo Sarmen Kokorian Ms Nairy Habibian $100
The Late Verjin Baravyan Mr. Aram & Mary Lee Cizmeciyan $100
The Late Angele Papazian Mr. & Mrs. Alexan & Nora Baltayan $50
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Շնորհակալութիւն ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։ Եթէ կը նախընտրէք ձեր անունը չյիշել կատարած նուիրատուութեան համար, կը խնդրենք նախօրօք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ:
APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416-431-3001
info@TorontoArmenianChurch.com
21
22
OUR SUNDAY SCHOOL IS OPEN NOW! We are happy to announce that Holy Trinity Armenian Church's Sunday School Registration is now open for children 4 years and older. Kindly complete the registration form online to include your child(ren) for the year 2021-22. https://www.torontoarmenianchurch.com/.../sunday-school/ Every Sunday from 11:00 am to 1:00 pm at Holy Trinity Armenian Church. For information, please contact us by email: info@TorontoArmenianChurch.com or call us at 416 431 3001 ext. 226
23
We encourage you to attend in person and join in prayers. To request a prayer, please contact the Church office Tel: 416 431 3001 info@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5 24
25
26
27
Դուն, որ մեր տկար բնութեան փորձառութիւնը ունեցար, ո՜վ մեր Քահանայապետը՝ Յիսուս, քեզի՛ կը նայինք: Դուն՝ որ մեզի համար մեղքի պատարագ եղար, որպէսզի մենք քեզի համար արդար ըլլանք: Դուն՝ որ մեզի համար երկրաւոր եղար, որպէսզի մենք քեզի համար երկնաւոր ըլլանք: Դուն՝ որ մեզի համար Հաց եղար, որպէսզի մենք քեզ ճաշակելով սրբուինք: Տո՛ւր վիշտերով լեցուն քու Մարմինդ, որպէսզի բոլոր սիրտերը քեզ ճաշակեն եւ սրբուին: Մատռուակէ՛ վտակի պէս կաթկթող քու անմեղ Արիւնդ, որպէսզի մարդիկ անմեղութեամբ յագենան: Երկարէ՛ փրկական խաչդ՝ այս աշխարհի ծովուն մէջ լողացողներուս, մեզ վեր՝ դէպի քեզ բարձրացնելու համար: Շնորհքի՛ կարօտ ենք, սփռէ՜. յոգնած ենք մեղանչելէ, քաւէ՛. խաւարի մէջ կը խարխափինք, ճառագայթէ՛. մեր հաւատքէն տապալած ենք, հաստատէ՛: Դո՛ւն ես յոյսը, դո՛ւն ես լոյսը, դո՛ւն ես կեանքը, դո՛ւն ես քաւաութիւնը, դուն ի՛նքդ ես անմահութիւնը: Քեզի՛ կը սպասենք, քու շնորհքիդ կռթնածներս. քեզմէ՛ փրկութիւն ստանալու կարօտ ենք, քու Մարմինիդ միացածներս. քե՛զ իբրեւ քաւիչ քահանայ ունինք, մենք՝ քու Արիւնովդ գնուած հօտդ: Նայէ՛ բոլորիս, սփոփէ՛ մեր տարակուսանքները քու փրկագործութեամբդ, հանդարտեցո՛ւր մեր խռովութիւնները քու խաղաղութեամբդ, հանգստացո՛ւր մեր յոգնած հոգիները քու օթեւաններուդ մէջ, ուր դուն գացիր, ո՜վ Տէր, եւ նոյնը մեզի խոստացար: Եւ արժանացո՛ւր մեզ՝ քեզի պատկանողներս, որ փառաւորենք քեզ, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին՝ յաւիտեանս: Ամէն:
Ս. ՆԵՐՍԷՍ ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ 28
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com
29