Shogh Sunday Bulletin Issue # 185 - March 5, 2023

Page 1

ՄԱՐՏ 5 MARCH, 2023 – No. 185 ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ - SUNDAY BULLETIN

THIRD SUNDAY OF GREAT LENT THE SUNDAY OF PRODIGAL SON

SYNAXIS READINGS

Isaiah 54.11-55.13

2 Corinthians 6.1-7.1

Luke 15.1-32

MORNING SERVICE at 9:30 am

DIVINE LITURGY at 10:30 am

Celebrated by REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor’s Assistant

Choirmaster Dn. Shahe Altounian Organist Mrs. Sona Artinian

2 Գ ԿԻՐԱԿԻ ՔԱՌԱՍՆՈՐԴԱԿԱՆ ՊԱՀՈՑ (ԱՆԱՌԱԿԻՆ) ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ Եսայիի Մարգարէութենէն 54.11-55.13 Պօղոս Առաքեալի Կողմէ Կորնթացիներուն Ուղղած Երկրորդ Նամակէն 6.1- 7.1 Ղուկասի Աւետարանէն 15.1-32 ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Ժամը 9։30-ին ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝ ԱՐԺ. Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր Հովիւի Օգնական
3 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂԱԾ ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 6.1- 7.1 Որովհետեւ կ՚ըսէ. «Պատեհ ժամանակին պատասխանեցի քեզի, եւ փրկութեան օրը օգնեցի քեզի»: Ահա՛ հիմա է պատեհ ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը: Բնա՛ւ սայթաքում չենք պատճառեր՝ որեւէ բանի մէջ, որպէսզի մեր սպասարկութիւնը չարատաւորուի: Հապա ամէն բանի մէջ մենք մեզ կը հաստատենք որպէս Աստուծոյ սպասարկուներ, շատ համբերութեամբ, տառապանքներու մէջ, հարկադրանքներու, տագնապներու, ծեծերու, բանտերու, խառնակութիւններու, աշխատանքներու, հսկումներու, ծոմերու մէջ,
անկեղծ սիրով, ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութեամբ, արդարութեան զրահով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է. փառքով եւ անպատուութեամբ, վատ համբաւով թէ բարի համբաւով, մոլորեցուցիչներու պէս՝ բայց ճշմարտախօսներ, անծանօթներու պէս՝ սակայն լաւ ճանչցուածներ. մահամերձի պէս՝ եւ ահա՛ կ՚ապրինք, պատժուածներու պէս՝ ու չենք մեռցուած. տրտմածներու պէս՝ բայց միշտ կ՚ուրախանանք, աղքատներու պէս՝ սակայն կը հարստացնենք շատերը, ոչինչ ունեցողներու պէս՝ մինչդեռ տիրացած ենք ամէն բանի: Կորնթացինե՛ր, մեր բերանը բացուած է ձեզի, եւ մեր սիրտը՝ լայնցած: Դուք մեր մէջ նեղը ինկած՝՝ չէք, հապա ձեր սիրտին մէջ՝՝ նեղը ինկած էք: Ուրեմն, փոխարէնը հատուցանելու համար (կը խօսիմ ձեզի՝ իբր զաւակներուս), դո՛ւք ալ ձեր սիրտը լայնցուցէք՝՝:
մաքրակեցութեամբ, գիտութեամբ, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով,
4 Անհաւատներուն հետ անյարիր լծակից՝՝ մի՛ ըլլաք. քանի որ ի՞նչ ընկերակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ, ի՞նչ հաղորդութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ, եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարի հետ. կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ, եւ ի՞նչ համաձայնութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ, որովհետեւ դուք ապրող Աստուծոյ տաճարն էք՝ ինչպէս Աստուած ըսաւ. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց մէջ պիտի շրջիմ. անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան: Ուստի ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ զատուեցէ՛ք,- կ՚ըսէ Տէրը:- Անմաքուր բանի մի՛ դպչիք, ու ես պիտի ընդունիմ ձեզ. ես Հայր պիտի ըլլամ ձեզի, ու դուք՝ իմ որդիներս եւ աղջիկներս պիտի ըլլաք,- կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը»: Ուրեմն, սիրելինե՛ր, այս խոստումները ունենալով՝ մաքրե՛նք մենք մեզ մարմինի ու հոգիի ամէն տեսակ պղծութենէ, եւ կատարելագործե՛նք սրբացումը Աստուծոյ վախով: ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 15.1-32 Բոլոր մաքսաւորներն ու մեղաւորները անոր կը մօտենային՝ զինք լսելու համար: Իսկ Փարիսեցիները եւ դպիրները կը տրտնջէին ու կ՚ըսէին. «Ասիկա կ՚ընդունի մեղաւորները եւ կ՚ուտէ անոնց հետ»: Ան ալ սա՛ առակը խօսեցաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ ունենայ հարիւր ոչխար ու կորսնցնէ անոնցմէ մէկը, չի ձգեր իննսունինը անապատին մէջ եւ երթար այդ կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն: Ու երբ գտնէ, ուրախանալով կը դնէ զայն իր ուսերուն վրայ, եւ տուն գալով՝ կը հրաւիրէ բարեկամներն ու դրացիները, եւ կ՚ըսէ անոնց. “Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ գտայ կորսուած ոչխարս”: Կը յայտարարեմ ձեզի թէ ա՛յսպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէ՛կ
5 մեղաւորի համար՝ որ կ՚ապաշխարէ, քան իննսունինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»: «Կամ՝ ո՞վ է այն կինը, որ եթէ տասը դրամ ունենայ ու դրամ մը կորսնցնէ, ճրագ չի վառեր, տունը չ՚աւլեր եւ ուշադրութեամբ փնտռեր, մինչեւ որ գտնէ: Ու երբ գտնէ, կը հրաւիրէ բարեկամներն ու դրացիները, եւ կ՚ըսէ. “Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ գտայ կորսնցուցած դրամս”: Ա՛յդպէս ալ, կը յայտարարեմ ձեզի, ուրախութիւն կ՚ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէ՛կ մեղաւորի համար՝ որ կ՚ապաշխարէ»: Ապա ըսաւ. «Մարդ մը ունէր երկու որդի: Անոնցմէ կրտսերը ըսաւ հօրը. “Հա՛յր, տո՛ւր ինծի քու ունեցածէդ ինծի վիճակուելիք բաժինը”: Ան ալ բաժնեց անոնց իր ունեցածը: Շատ օրեր չանցած՝ կրտսեր որդին ժողվեց բոլոր բաները, մեկնեցաւ հեռաւոր երկիր մը, ու հոն փճացուց իր ունեցածը՝ անառակութեամբ ապրելով: Երբ ծախսեց ամէնը՝ սաստիկ սով մը եղաւ այդ երկրին մէջ, եւ ինք սկսաւ կարօտութեան մէջ ըլլալ: Ուստի գնաց՝ այդ երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ. ան ալ իր արտը ղրկեց զայն՝ խոզ արածելու համար: Կը ցանկար խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց ո՛չ մէկը կու տար անոր: Եւ ինքնիրեն գալով՝ ըսաւ. “Քանի՜ վարձկաններ կան հօրս տունը՝ հացով լիացած, ու ես հոս սովամահ կը կորսուիմ: Կանգնիմ, երթամ հօրս քով եւ ըսեմ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ ու քու առջեւդ, եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. ըրէ՛ զիս վարձկաններէդ մէկուն պէս»”: Ուստի կանգնեցաւ ու գնաց իր հօր քով: Մինչ ինք դեռ շատ հեռու էր՝ հայրը տեսաւ զայն եւ գթաց. վազելով՝ անոր վիզին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զայն: Որդին ալ ըսաւ անոր. “Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ ու քու առջեւդ, եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու”: Բայց հայրը ըսաւ իր ծառաներուն. “Հանեցէ՛ք առաջին պարեգօտը եւ հագցուցէ՛ք անոր, մատանի՛ դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ՝ անոր ոտքերը: Եւ բերէ՛ք պարարտ զուարակը, մորթեցէ՛ք, ուտե՛նք ու զուարճանա՛նք. որովհետեւ

2 CORINTHIANS 6.1-7.1

As God’s co-workers we urge you not to receive God’s grace in vain. For he says, “In the time of my favor I heard you, and in the day of salvation I helped you.”

I tell you, now is the time of God’s favor, now is the day of salvation.

We put no stumbling block in anyone’s path, so that our ministry will not be discredited. Rather, as servants of God we commend ourselves in every way: in great endurance; in troubles, hardships and distresses; in beatings, imprisonments and riots; in hard work, sleepless nights and hunger; in purity, understanding, patience and kindness; in the Holy Spirit and in sincere love; in truthful speech and in the power of God; with weapons of righteousness in the right hand and in the left; through glory and dishonor, bad report

6 այս որդիս մեռած էր՝ եւ վերապրեցաւ, կորսուած էր՝ ու գըտնըւեցաւ”: Եւ սկսան զուարճանալ: Անոր երէց որդին արտն էր. երբ եկաւ ու մօտեցաւ տան, լսեց նուագարաններու եւ պարերու ձայնը, ու իրեն կանչելով ծառաներէն մէկը՝ հարցափորձեց թէ ի՛նչ էր այդ: Ան ալ ըսաւ անոր. “Եղբայրդ եկաւ, ու հայրդ մորթեց պարարտ զուարակը, որովհետեւ ողջ առողջ վերստացաւ զայն”: Իսկ ինք բարկացաւ եւ չէր ուզեր ներս մտնել. ուստի իր հայրը դուրս ելլելով՝ կ՚աղաչէր անոր: Ան ալ պատասխանեց իր հօր. “Ահա՛ այսչափ տարի է՝ որ կը ծառայեմ քեզի, ու բնա՛ւ քու պատուիրանդ զանց չըրի. սակայն երբե՛ք ուլ մը չտուիր ինծի՝ որ զուարճանայի բարեկամներուս հետ: Բայց երբ եկաւ այդ որդիդ՝ որ լափեց քու ունեցածդ պոռնիկներու հետ, մորթեցիր անոր պարարտ զուարակը”: Ան ալ ըսաւ անոր. “Որդեա՛կ, դուն միշտ ինծի հետ ես, ու ամբողջ ունեցածս քո՛ւկդ է: Սակայն պէտք էր զուարճանալ եւ ուրախանալ, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ու վերապրեցաւ, կորսուած էր՝ եւ գտնուեցաւ”»:

and good report; genuine, yet regarded as impostors; known, yet regarded as unknown; dying, and yet we live on; beaten, and yet not killed; sorrowful, yet always rejoicing; poor, yet making many rich; having nothing, and yet possessing everything.

We have spoken freely to you, Corinthians, and opened wide our hearts to you. We are not withholding our affection from you, but you are withholding yours from us. As a fair exchange—I speak as to my children open wide your hearts also.

Do not be yoked together with unbelievers. For what do righteousness and wickedness have in common? Or what fellowship can light have with darkness? What harmony is there between Christ and Belial? Or what does a believer have in common with an unbeliever? What agreement is there between the temple of God and idols? For we are the temple of the living God. As God has said:

“I will live with them and walk among them, and I will be their God, and they will be my people.”

Therefore, “Come out from them and be separate, says the Lord. Touch no unclean thing, and I will receive you.”

And, “I will be a Father to you, and you will be my sons and daughters, says the Lord Almighty.”

Therefore, since we have these promises, dear friends, let us purify ourselves from everything that contaminates body and spirit, perfecting holiness out of reverence for God.

LUKE 15.1-32

Now the tax collectors and sinners were all gathering around to hear Jesus. But the Pharisees and the teachers of the law muttered, “This man welcomes sinners and eats with them.”

Then Jesus told them this parable: “Suppose one of you has a hundred sheep and loses one of them. Doesn’t he leave the ninety-

7

nine in the open country and go after the lost sheep until he finds it? And when he finds it, he joyfully puts it on his shoulders and goes home. Then he calls his friends and neighbors together and says, ‘Rejoice with me; I have found my lost sheep.’ I tell you that in the same way there will be more rejoicing in heaven over one sinner who repents than over ninety-nine righteous persons who do not need to repent.

“Or suppose a woman has ten silver coins a and loses one. Doesn’t she light a lamp, sweep the house and search carefully until she finds it? And when she finds it, she calls her friends and neighbors together and says, ‘Rejoice with me; I have found my lost coin.’ In the same way, I tell you, there is rejoicing in the presence of the angels of God over one sinner who repents.”

Jesus continued: “There was a man who had two sons. The younger one said to his father, ‘Father, give me my share of the estate.’ So he divided his property between them.

“Not long after that, the younger son got together all he had, set off for a distant country and there squandered his wealth in wild living. After he had spent everything, there was a severe famine in that whole country, and he began to be in need. So he went and hired himself out to a citizen of that country, who sent him to his fields to feed pigs. He longed to fill his stomach with the pods that the pigs were eating, but no one gave him anything.

“When he came to his senses, he said, ‘How many of my father’s hired servants have food to spare, and here I am starving to death! I will set out and go back to my father and say to him: Father, I have sinned against heaven and against you. I am no longer worthy to be called your son; make me like one of your hired servants.’ So he got up and went to his father.

“But while he was still a long way off, his father saw him and was filled with compassion for him; he ran to his son, threw his arms around him and kissed him.

8

“The son said to him, ‘Father, I have sinned against heaven and against you. I am no longer worthy to be called your son.’

“But the father said to his servants, ‘Quick! Bring the best robe and put it on him. Put a ring on his finger and sandals on his feet. Bring the fattened calf and kill it. Let’s have a feast and celebrate. For this son of mine was dead and is alive again; he was lost and is found.’ So they began to celebrate.

“Meanwhile, the older son was in the field. When he came near the house, he heard music and dancing. So he called one of the servants and asked him what was going on. ‘Your brother has come,’ he replied, ‘and your father has killed the fattened calf because he has him back safe and sound.’

“The older brother became angry and refused to go in. So his father went out and pleaded with him. But he answered his father, ‘Look! All these years I’ve been slaving for you and never disobeyed your orders. Yet you never gave me even a young goat so I could celebrate with my friends. But when this son of yours who has squandered your property with prostitutes comes home, you kill the fattened calf for him!’

“ ‘My son,’ the father said, ‘you are always with me, and everything I have is yours. But we had to celebrate and be glad, because this brother of yours was dead and is alive again; he was lost and is found.’”

The Lord is not slow in keeping his promise, as some understand slowness. Instead he is patient with you, not wanting anyone to perish, but everyone to come to repentance.

9
Տէրը չի յապաղիր իր խոստումը գործադրելու մէջ, ինչպէս ոմանք յապաղած կը համարեն, հապա՝ համբերատար է մեզի հանդէպ. որովհետեւ կը փափաքի որ ո՛չ մէկը կորսուի, հապա՝ բոլորը ընդունին ապաշխարութիւնը: 2Պետրոս3:9
2Peter3:9

մեռած էր՝ ու վերապրեցաւ, կորսուած էր՝ եւ գտնուեցաւ»:

Առակին մէջ հայրը կը խորհըրդանշէ Աստ-

ւած եւ մեզի հա-

մար աւելի դիւ-

րին կը դառնայ հասկնալու, թէ

ինչու մենք Աստուծոյ կը կոչենք «Հայր»: Անառակ որդին եւ աւագ որդին կը

10 ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻ Մեծ Պահոց երրորդ կիրակին կը կոչուի Անառակի կիրակի, որովհետեւ այսօր կարդացուող Աւետարանը կը պատմէ Անառակ Որդիին առակը (Ղուկ. 15:11-32): Մարդ մը երկու զաւակ ունէր: Կրտսեր որդին հօրմէ կը խնդրէ, որ իր ունեցուածքը բաժնէ իր երկու որդիներու միջեւ եւ իր բաժինը կ'առնէ ու հօրենական տունէն կը հեռանայ: Հոն զեխ կեանք վարելով իր ամբողջ ունեցածը կը վատնէ ու կը սնանկանայ: Կրտսեր որդին շատ կը զղջայ ու իր այս տխուր վիճակինմէջ կը յիշէ հօրը տունը եւ կ'որոշէ վերադառնալ ըսելով. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ ու քու առջեւդ, եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. ըրէ՛ զիս վարձկաններէդ մէկուն պէս»: Հայրը զաւկին զղջումը տեսնելով կ'ուրախանայ եւ գրկաբաց զայն կ'ընդունի: Աւագ որդին կը դժգոհի, որ ինք միշտ հօր կողքին եղած է, բայց նման պատիւի չէ արժանացած: Հայրն ալ կըսէ. “Որդեա՛կ, դուն միշտ ինծի հետ ես, ու ամբողջ ունեցածս քո՛ւկդ է: Սակայն պէտք էր զուարճանալ եւ ուրախանալ, որովհետեւ այս եղբայրդ
ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ - THIS SUNDAY

THE SUNDAY OF PRODIGAL SON

The third Sunday of Great Lent is called the Sunday of the Lost Son according to the Parable of the Lost Son told in the Gospel of Luke (Luke 15:15-32).

There was once a man who had two sons. Upon the request of the younger one he divided his property between his two sons. The younger son took his part of inheritance and left home. He went to a country far away, where he wasted his money in reckless living. He spent everything he had. In that time of trouble, he remembered his father’s house, regretted for his reckless living and returned to his father’s home with a plea 'Father, I have sinned against heaven and against you. I am no longer worthy to be called your son; make me like one of your hired servants.’ Seeing that his younger son has regretted, the father received him joyfully. But the elder son complained, saying that during all those years he had worked for his father like a slave and had never disobeyed his orders, and however, he had never deserved such honor. His father answered him: “My son, you are always here with me, and everything I have is yours. But we had to celebrate and to be happy, because your brother was dead, but now he is alive; he was lost, but now he has been found."

The father in this parabel represents God, our heavenly father. The elder and the younger sons are the righteous and the sinful souls. When the father receives his lost son, it means that in the same way God receives the regretting sinner. The older son symbolizes the all those who are righteous or think that there are righteous and the parable cautions all of them not to be self-conceited.

11 ներկայացնեն մեղաւոր մարդոց եւ արդարներուն: Առակը ցոյց կուտայ, որ Հայր Աստուած ալ իր գիրկը կ'ընդունի անառակ որդիի նման ապաշխարող մեղաւորները: Իսկ անոնք, որ աւագ որդւոյն պէս կը կարծեն թէ արդար են, պէտք է խուսափին իրենց մասին չափազանց բարձր կարծիք ունենալէ եւ ուրախութեամբ ընդունին ամէն մէկ մեղաւորի ապաշխարութիւնն ու դէպի Աստուած ու եկեղեցի անոնց դարձը:

ՅովհաննէսՕձնեցիՀայրապետ

12 ՍՐԲՈՑՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՍՐԲՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ ՄԵՐՈՑ
ՕՁՆԵՑՒՈՅՆ, ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ՈՐՈՏՆԵՑՒՈՅՆ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐԻ ՏԱԹԵՒԱՑՒՈՅՆ Տնտեսի Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը, այս տարի Մարտ 11ին, Հայց. Առաք. Եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Յովհաննէս Երուսաղէմի Հայրապետին եւ Հայ եկեղեցւոյ նշանաւոր աստուածաբանեկեղեցականներ՝ Յովհան Օձնեցի Հայրապետին, Յովհան Որոտնեցի եւ Գրիգոր Տաթեւացի վարդապետներուն օրը: Ս. Յովհաննէս Երուսաղէմի Հայրապետը եղած է յաջորդը Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմի հայրապետին՝ 386 թուականին: Աննշանաւորեղաւ իր սրբակենցաղ կեանքով, հարուստ կրօնական գիտելիքներով եւ պերճախօս քարոզչութեամբ։ Բարեկամ էր Յովհան Ոսկեբերանի, որուն հետ կը նամակցէր, երբ վերջինս աքսորի մէջ էր։ Պայքար մղեց Պեղագեան աղանդաւորներուն դէմ. Մահացաւ խաղաղ մահով՝ 417 թուականին: Ս
Օձնեցին կը ներկայացնեն որպէս տեսքով յոյժ գեղեցիկ, վայելուչ հասակով, թիկնաւէտ անձ մը, որը կը սիրէր շքեղ հագնուիլ, սակայն կ' ապրէր պահքով, աղօթելով եւ տքնութեամբ: Ազնուական ընտանիքի զաւակ՝ Ս. Յովհաննէս
ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ
.
: Պատմիչները Ս. Յովհաննէս
13 Օձնեցի Հայրապետ ապրած է արաբական տիրապետութեան ու հալածանքներուն շրջանին: Ծնած է 650-ական թուականներուն, Օձուն գիւղին մէջ (Լոռու Մարզ, Հայաստան): Աշակերտած է Թէոդորոս Քռթենաւոր վարդապետին: 717-ին կաթողիկոսական գահ կը բարձրանայ եւ տասնմէկ տարի կը գահակալէ: Հաւաքած ու կազմած է Կանոնագիրքը: Նաեւ հեղինակը եղած է բազմաթիւ ճառերու եւ գրութիւններու, որոնք յստակօրէն կը պարզեն Հայ Եկեղեցւոյ դաւանական սկզբունքները: Իր ծեր տարիքին կը քաշուի ծննդավայրը, ուր խումբ մը վարդապետներու հետ կը նուիրուի աղօթքի եւ ճգնութեան : 728-ին կը կնքէ իր մահկանացուն: Թաղման տեղը յստակ չէ, բայց ժողովուրդը Յովհաննէս Օձնեցիի գերեզմանը կը համարէ Արդվի գիւղի Ս. Յովհաննէս՝ վանքը, որ կը կոչուի նաեւ Սրբանէս վանք: Ս. Յովհաննէս Կաթողիկոսը իր գործունէութեամբ փայլեցաւ թէ՛ գրական եւ թէ՛ վարչական ասպարէզներէն ներս, մեծ հռչակ բերաւ Հայ Եկեղեցւոյն եւ ստացաւ նաեւ Իմաստասէր մականունը: Ս. Յովհաննէս Որոտնեցին ազնուական տոհմի զաւակ էր ՝ Սիւնիքի աոաջին իշխաններու տոհմէն սերուած մեծ իշխան Իվանէի որդին: Ան ծնած է 1315 թուականին Սիւնեաց աշխարհի Որոտն գաւառի Վաղադին գիւղը: Երիտասարդ տարիքէն կը մտնէ եկեղեցական կեանքին մէջեւ կը նուիրւի գիտութեան եւ ուսուցման: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ Սիւնիքի Գլաձոր վանքին մէջ, Եսայի Նշեցի նըշանաւոր վարդապետին շունչին տակ: Ապա անոր մահէն ետք՝ 1338-ին, կը փոխադրուի Տաթեւի վանքը, ուր կը հիմնէ Տաթեւի համալսարանը: Ս. Յովհաննէս Որոտնեցի վարդապետ իր կեանքի վերջին եօթը տարիները կ’անցընէ Ապրակունեաց վանքին մէջ: 1388 թուականին կը մահանայ եւ կը թաղուի նոյն վանքին մէջ: Ան իր ա-
14 շակերտ Գրիգոր Տաթեւացիի միջոցաւ, կը ձգէ հսկայ գրական աշխատանքներ, որոնց մեծ մասը մեկնութիւններ, քարոզներ եւ իմաստասիրական բացատրութիւններ են: Յովհան Որոտնեցին յայտնի էր նաեւ Կախիկ մականունով, որ կը մեկնաբանուի իբրեւ «կախեալ ի սէրն Աստուծոյ»: Ս. ԳրիգորՏաթեւացինյայտնի աստուածաբան էր, մանկավարժ, փիլիսոփայ, մանրանկարիչ ու երաժիշտ: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ հայրերէն եւ տօնելի սուրբ մըն էր: Գրիգոր ծնած է 1346-ին, Սիւնեաց նահանգի Վայոց Ձոր գաւառին մէջ: Իր բարեպաշտ ծնողքը, որ կորսնցուցած էին իրենց մանկահասակ որդիները, անդադար աղօթելով՝ Տիրոջմէ զաւակ կը խնդրէին՝ դիմելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութեանը: Երբ երեխան աշխարհ եկաւ, անոր տրուեցաւ մկրտութեան անունը՝ Գրիգոր: Վաղ հասակէն Գրիգորը ուսման տուին, եւ ան շուտով հըմտացաւ Սուրբ Գրքի գիտութեան մէջ: Ապա ուսումը շարունակեց Տաթեւի վանքի մէջ՝ աշակերտելով Յովհաննէս Որոտնեցի նշանաւոր վարդապետին: 25 տարեկանին, իր ուսուցչին հետ որպէս ուխտաւոր Երուսաղէմ գտնուած միջոցին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ ապա կը վերադառնայ Տաթեւի վանք: Տարիներետք, անկըստանայվարդապետականաստիճաններ: Յովհաննէս Որոտնեցիի մահէն ետք, Գրիգոր կը ստանձնէ Ապրակունեաց վանքի վանահայրութեան պաշտօնը, ուր երկու տարի կը մնայ եւ ապա կը վերադառնայ Տաթեւի վանք եւ կ’ունենայ իր աշակերտները: Մահէն առաջ Ս. Գրիգոր պատարագ կը մատուցանէ, կ'օրհնէ իր աշակերտներն եւ խաղաղութեամբ կ'աւանդէ իր հոգին 1410 թուին:

COMMEMORATION OF ST. JOHN THE PATRIARCH OF JERUSALEM, ST. JOHN OF OTZOON, ST. JOHN OF VOROTAN AND ST. GREGORY OF DATEV

On the third Saturday of Great Lent, this year March 11, the Armenian Apostolic Church commemorates St. John the Patriarch of Jerusalem, as well as Armenian Patriarch St. John of Otzoon, and famous Christian scholars St. John of Vorotan and St. Gregory of Datev.

St. John, Patriarch of Jerusalem, succeeded St. Cyril as Patriarch of Jerusalem (386-417). He grew up with the monks at the monastery of Nitria (Egypt) where he learned about Christianity and the teachings of Origen. He is remembered for his keen intellect and for being a great orator and a defender of Christianity through his sermons.

St.HovhanOdznetsi(St. John of Odzoon) was catholicos from 717 to 728, which was a period when Armenia was under Arab rule. He was from a noble family and was born in the village of Odzun in Tashirk province of Greater Armenia (now Lori Province, Armenia) in 650 AC. He was described as being very handsome looking, tall, presented himself in luxurious vestments, but lived by fasting, praying and lead an ascetic lifestyle. According to hagiographer he possessed both spiritual and mental brilliance, hence his nickname 'Philosopher'.

As the Catholicos, St. John managed to withstand the pressures from Arabs and Byzantine. He also convened councils in Dvin and Manazkert (Manzikert) to discuss doctrinal and other important matters of the Church. His book ‘Canons of the Armenians' is the first Armenian collection in volumes containing ecclesiastical canons and laws. He was the author of many theological works, wrote sermons and sharakans (hymns).

15 Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքի պատմութեան ուսումնասիրութեան առումով կարեւոր նշանակութիւնունին անոր“Գիրք հարցմանց “եւ “Ոսկեփորիկ “աշխատութիւնները: Լայն գիտելիքներու եւ գիտութեան զարգացման մէջ մատուցած մեծ աւանդին համար Գրիգոր Տաթեւացին իր ժամանակակիցներու կողմէ ստացած է «եռամեծ» պատուաւոր տիտղոսը, որ կը նշանակէ նշանաւոր, մեծահռչակ:

St. Hovhannes of Odzun passed away in 728 AC and was buried near the church of Srbanes (St. Hovhannes) in the village of Ardvi, near Odzun.

HovhanVorodnetsi(St. John of Orodni) was born in 1315. St. John of Vorotan, or Hovan Vorotnetsi, was a renowned theologian, philosopher and scholar. He was the son of Noble Ivané of Syunik. Following his ordination, he served at the monasteries of Klatzor and Datev.

He dedicated most of his efforts toward the preservation of the orthodox faith, and against the attempt to merge the Armenian Church with the Latin Church. He wrote commentaries on the Gospel of John and the epistles of St. Paul. Over the years of his extensive work St. John founded the theological seminary of Datev. He was numerous philosophical works, sermons and commentaries, most of which were edited and duplicated by his great student St. Gregory of Tatev.

KrikorDatevatsi(St. Gregory of Datev), born in 1346 in the province of Vayots Tsor, is perhaps the best known of the four. His pious parents, who lost their young children, incessantly prayed God to send them another child, asking the intercession of St. Gregory the Illuminator before Lord. When the child was born, he was given a baptismal name Gregory. At seven years old Gregory began his education and soon excelled in his knowledge of Scripture. He continued his education in the Tatev monastery and was the student of St. John Vorodnetsi. He was a brilliant scholar, knew Latin fluently and had studied the Greek philosophers extensively. He is regarded to be one of the greatest teachers of the Armenian Church. His most famous work is the Book of Questions (Kirk Hartsmants), which examines questions of faith.

To this day generations of scholars and theologians study the literary heritage of Saint John of Tatev. Few of his numerous works have survived - "The Book of Questions", "Vosceporik", Summer and Winter volumes of "Book of Sermons", numerous commentaries, and other writings, as well as two Gospels illustrated by the saint.

16
֍

Requested By

Mr. Nerses Barsoum

Ms Anzhela Barsoum

In Memory of Their Beloved Aunt THE LATE LOUSADZIN BARSOUMIAN

On 7th day of her passing in Aleppo

Requested By

Ms. Talar Meliksetian

Mr. Hratch Kalamkarian

In Memory of THE LATE SILVA SHITILIAN-MELIKSETIAN

On 2nd anniversary of her passing in Armenia

Requested By

Mr. Hrayr Tadevosyan

In Memory of THE LATE

DRASTAMAD TADEVOSYAN, LEVON GHAZARYAN and MOVSES NAZARYAN

On 8th anniversary of passing in Yerevan

The Altar Flowers are sponsored by Mr. & Mrs. John and Margritt Satouri

Arrangement provided by Ken's Flowers

If you wish to sponsor fresh flowers for the Altar in honour of your loved ones on their birthday, anniversary, graduation or in memory of a departed soul, please contact the church office to book the date Tel: 416 431 3001 info@TorontoArmenianChurch.com

18

From February 25 to March 3, 2023

Membership 2023

Mrs. Areknaz Sakarya $80

Mr. Sogomon Sakarya $80

Mr. Hrayr Tadevosyan $80

Ms Alice Minassian $80

Mr. Agop Agop $80

Mrs. Annie Genc $80

Mrs. Madeline Sahakian $80

Mrs. Betty Panossian $80

General

Fr. Zareh & Yeretsgin Naira Zargarian $300

Mr. Yesai Libarian $400

Mr. & Mrs. Vahram & Azniv Salibian $100 (Women's Guild)

Mr. Shahin Gholichian $100

Miss Sinorig Suzan Cokun $25

Altar Flowers

Mr. Yesai Libarian $100 (February 26)

Mr. & Mrs. John and Margritt Satouri $100 (March 3)

Louma

Mr. Sasoon Manoukian $50

Mr. & Mrs. Vasken & Alice Deukmedjian $50

In Memory of The Late

Gayane Asateryan

Mr. & Mrs. Evgenia Yenovkian $200 (Women's Guild)

Mrs. Hripsik Sarkissian $50

Mrs. Anahid Dallakian $30

Ms Melania Jelilian $50

19

The Late Silva Shitilian

Ms Talar Melkissetian $40

The Late Nerses Khandzoghian

Mrs. Sona Artinian $100

Mr. & Mrs. Zaven & Lisette Saatjian $40

Mr. Krikor Artinian $50

Ms Zabel Khandzoghian $100

Mr. & Mrs. Simon Hasserjian $100

Mrs. Arpiné Altounian $100

Mr. Ara Saatjian $50

The Late Lousadzin Barsoumian

Mr. Nerses Barsoum $20

The Late Rousa Hambouian Mahseredjian

Miss Noushig Mahserejian $150

Hon. Noubar Seraydarian $20

Mr. Dikran Hamboian $50

The Late Shahbazian Family's Deceased Members

Mr. Wartan Antranik Shahbazian $20

The Late Hagop, Anahid, Garbis Libarian

Mr. Yesai Libarian $200 (Women's Guild)

Mr. Hovhannes Libarian $50.00

Mrs. Madeline Nalbandian $30

The Late Artur Minas Selyan

Mrs. Azad Selyan $200 (Women's Guild)

Mr. & Mrs. Vasken & Alice Deukmedjian $50

The Late Krikor Torikian

Mrs. Sita Torikian $100

The Late Drastamad Tadevosyan, Levon Ghazaryan, Movses

Nazaryan

Mr. & Mrs. Hrayr & Nrane Tadevosyan $100

20

The Late Armen Harutyunyan

Mr. & Mrs. Vahe & Rozet Madian $60

The Late Anahid Kurdian and Kohar Dambouradjian

Mrs. Arpiné Altounian $100

The Late Serge Davoudi

Jolanta Lorber $30

We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration.

Donations may be made

Over the phone: 416 431 3001

E-transfer via: info@TorontoArmenianChurch.com

Cheques payable to: HTAC

We thank you sincerely for your support!

21
APPRECIATION
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Շնորհակալութիւն ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։ Եթէ կը նախընտրէք ձեր անունը չյիշել կատարած նուիրատուութեան համար, կը խնդրենք նախօրօք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ:
22 ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Պահքի ընթացքին, ամէն Չորեքշաբթի «Հոգեւոր Զրոյց»-ի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Անոնք որոնք կը փափաքին հիւրասիրութիւն կատարել իրենց հանգուցեալ հարազատներու յիշատակին, կարող են կապ հաստատել եկեղեցւոյ գրասենեակին հետ` 416 431 3001
23 During the Lent, every Wednesday at the end of "Spiritual conversation" there will be a reception in memory of the deceased. Those who wish to host a reception in memory of their loved ones can contact the church office: 416 431 3001 info@TorontoArmenianChurch.com
25
26
27
28
29
30
31

The Holy Trinity Armenian Church's Sunday School Registration continues for children 4 years and older.

Kindly complete the registration form online to include your child(ren) for the year 2022-23.

https://www.torontoarmenianchurch.com/.../sunday-school/

The Sunday School is from 11:00 am to 1:00 pm at Holy Trinity Armenian Church. For information, please contact us by email: info@TorontoArmenianChurch.com or call us at 416 431 3001

32
33 ՀԱՒԱՏՈՎ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ Ս. Ներսէս Շնորհալի Աշխարհաբար 5. Հոգի Աստուծոյ, ճշմարիտ Աստուած, որ իջար Յորդանան եւ վերնատունը եւ լուսաւորեցիր զիս սուրբ աւազանին մկրտութեամբ. մեղանչեցի երկինքին եւ Քու առջեւդ. մաքրէ զիս դարձեալ Քու աստուածային կրակովդ, ինչպէս հրեղէն լեզուներով սուրբ Առաքեալները. ողորմիր Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս: 6. Անեղ բնութիւն, մեղանչեցի Քեզի դէմ իմ մտածումներովս, իմ մարմինովս եւ հոգիովս. մի՛ յիշեր իմ առաջին մեղքերս Քու սուրբ անունիդ համար. ողորմիր Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմա-մեղիս: 7. Ամէն բան տեսնող, ես մեղանչեցի Քեզի դէմ իմ խորհուրդներովս, խօսքով եւ գործով. ջնջէ՛ իմ յանցանքներուս ձեռակգիը եւ արձանագրէ զիս կեանքի մատեանին մէջ. ողորմիր Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս: 8. Գաղտնիքները քննող, մեղք գործեցի կամայ եւ ակամայ, գիտութեսմբ եւ անգիտութեամբ. թողութիւն շնորհէ մեղաւորիս, որովհետեւ սուրբ աւազանին ծնունդէս մինչեւ այսօր ես մեղք գործած եմ Քու Աստուածութեանդ առջեւ, իմ զգայարանքներովս եւ մարմինիս բոլոր անդամներով. ողորմիր Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

Vicar of Armenian Church

Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian

Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian

Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM

Executive Secretary, Ani Sarvarian

Ani@TorontoArmenianChurch.com

Administrative Secretary, Betty Panossian

Betty@TorontoArmenianChurch.com

920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001

www.TorontoArmenianChurch.com

info@TorontoArmenianChurch.com

@TorontoArmenianChurch.com

34 Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան

Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.