Shogh Sunday Bulletin May30, 2021 Issue -93

Page 1

ՄԱՅԻՍ 30 MAY, 2021 – No. 93

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN


ՅԻՇԱՏԱԿ ԵՂԻԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒ Գ ԳԻՐՔԷՆ 18.29-46 ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒ Դ ԳԻՐՔԷՆ 2.1-15 ՅԱԿՈՎԲՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԷՆ 5.16-20 ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 4.25-30: 8

ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Ժամը 9։30-ին ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝ ԱՐԺ. Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր Հովիւի Օգնական

֎ REMEMBERANCE OF PROPHET ELIJAH SYNAXIS READINGS III KINGS 18:29-46 / VI KINGS 2:1-15 JAMES 5:16-20 / LUKE 4:25-30

MORNING SERVICE at 9:30 am DIVINE LITURGY at 10:30 am Celebrated by: REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor’s Assistant

You are welcome to follow the live-stream of the Sermon On Sunday, May 30, 2021 starting 10:30 AM Facebook/TorontoArmenianChurch 2


ՅԱԿՈՎԲՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԷՆ 5.16-20 Խոստովանեցէ՛ք իրարու ձեր յանցանքները, եւ աղօթեցէ՛ք իրարու համար, որպէսզի բժշկուիք: Արդարին ներգործող աղերսանքը շատ ազդեցիկ է: Եղիա կիրքերու ենթակայ մարդ մըն էր՝ մեզի նման: Ան աղօթեց որ անձրեւ չտեղայ, ու երկրի վրայ անձրեւ չտեղաց երեք տարի եւ վեց ամիս: Ապա դարձեալ աղօթեց, ու երկինք անձրեւ տուաւ եւ երկիր ծաղկեցուց իր պտուղը: Եղբայրնե՛ր, եթէ ձեզմէ ոեւէ մէկը մոլորի ճշմարտութենէն, ու մէկը վերադարձնէ զայն, թող գիտնայ թէ ա՛ն՝ որ կը վերադարձնէ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն, կը փրկէ անձ մը մահէն, ու կը ծածկէ մեղքերու բազմութիւն մը:

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 4.25-30 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Շատ այրիներ կային Իսրայէլի մէջ՝ Եղիայի օրերը, երբ երկինք գոցուեցաւ երեք տարի ու վեց ամիս, եւ մեծ սով եղաւ ամբողջ երկրին մէջ. բայց Եղիա անոնցմէ ո՛չ մէկուն ղրկուեցաւ, հապա միայն Սիդոնացիներուն Սարեփթա քաղաքը բնակող այրի կնոջ մը: Նաեւ շատ բորոտներ կային Իսրայէլի մէջ՝ Եղիսէ մարգարէին ատենը, եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը մաքրուեցաւ, հապա միայն՝ Նէեման Ասորին”»: Ժողովարանին մէջ բոլորն ալ զայրոյթով լեցուեցան՝ երբ լսեցին այս խօսքերը. ուստի կանգնելով՝ դուրս հանեցին զայն քաղաքէն, եւ տարին զայն մինչեւ այն լերան ցցուած ծայրը՝ որուն վրայ իրենց քաղաքը կառուցանուած էր, որպէսզի բարձր տեղէն վար նետեն զայն: Բայց ինք՝ անոնց մէջէն անցնելով՝ գնաց:

3


JAMES 5:16-20 Therefore, confess your sins to each other and pray for each other so that you may be healed. The prayer of a righteous person is powerful and effective. Elijah was a human being, even as we are. He prayed earnestly that it would not rain, and it did not rain on the land for three and a half years. Again he prayed, and the heavens gave rain, and the earth produced its crops. My brothers and sisters, if one of you should wander from the truth and someone should bring that person back, remember this: Whoever turns a sinner from the error of their way will save them from death and cover over a multitude of sins.

LUKE 4:25-30 I assure you that there were many widows in Israel in Elijah’s time, when the sky was shut for three and a half years and there was a severe famine throughout the land. Yet Elijah was not sent to any of them, but to a widow in Zarephath in the region of Sidon. And there were many in Israel with leprosy g in the time of Elisha the prophet, yet not one of them was cleansed—only Naaman the Syrian.” All the people in the synagogue were furious when they heard this. They got up, drove him out of the town, and took him to the brow of the hill on which the town was built, in order to throw him off the cliff. But he walked right through the crowd and went on his way. «Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը որսայ ձեզ փիլիսոփայութեամբ եւ ունայն խաբէութեամբ, մարդոց աւանդութեան ու աշխարհի սկզբունքներուն համաձայն, եւ ո՛չ թէ Քրիստոսի վարդապետութեան համաձայն....»: (Կող. 2:8) “See to it that no one takes you captive through hollow and deceptive philosophy, which depends on human tradition and the elemental spiritual forces of this world rather than on Christ.” (Col. 2:8) 4


ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷԻ Այս Կիրակի, Մայիս 30-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն՝ Եղիա մարգարէի Յիշատակութեան օրն է: Եղիա Մարգարէն առանձնայատուկ դեր ունի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սուրբերու դասին մէջ եւ անոր յիշատակութիւնը կը տօնուի Հոգեգալստեան Կիրակիին յաջորդող Կիրակի օրը: Մարգարէ կը նըշանակէ կանխասաց, կանխագուշակ: Աստուածաշունչի մէջ Մարգարէները ապագան տեսնելու աստուածատուր շնորհով օժ տուած անձեր էին: Անոնք բացառիկ դեր ունեցած են Աստուծոյ կամքը, խօսքը, կարգադրութիւններն ու հրահանգները մարդոց հաղորդելուն մէջ: Եղիա մարգարէն Հին Կտակարանի մեծ մարգարէներէն է եւ ապրած Ք.Ա. 9-րդ դարուն հաւատուրաց Ա-քաաբ թագաւորի ու անոր կռապաշտ Յեզաբէլ թագուհիի օրով: Աստուծոյ հրամանով Եղիա կռապաշտութեան դարձած Աքաաբ թագաւորին կը զգուշացնէ գալիք երաշտի մասին: Իր մարգարէութիւնը կ'իրականանայ: Երեք տարի ետք Եղիա վե-րըստին կու գայ Աքաաբի առջեւ ու աղօթքով՝ 5


նախ կը վառէ իր ողջակէզի կրակը եւ յետոյ յորդառատ անձրեւ կը բերէ՝ անգամ մը եւս հաստատելով ճշմարիտ Աստուծոյ զօրութիւնը: Եղիա մարգարէն Աստուծոյ տնօրինութեամբ շատ ուրիշ հրաշագործութիւններ ըրած է: Աստուածաշունչի համաձայն Եղիա մարգարէն չէ մահացած, այլ Աստուծոյ կողմէ երկինք առնուած է. «Երբ անոնք (Եղիա եւ Եղիսէ) խօսելով կ'երթային, ահա հրեղէն կառք մը եւ հրեղէն ձիեր երեւցան ու զանոնք իրարմէ զատեցին ու Եղիա մրրիկով երկինք ելաւ»: (Դ Թագաւորաց 2:11): Նոր Կտակարանին մէջ՝ Եղիա Մարգարէ Մովսէսին հետ կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան պահուն:

REMEMBERANCE OF PROPHET ELIJAH This Sunday May 30, the Armenian church celebrates the Remembrance of Prophet Elijah. Elijah is one of the major prophets of the Old Testament and has a significant place amongst the rank of saints in Armenian and Eastern churches, hence he is commemorated on the Sunday following the Pentecost. Prophet Elijah lived in the 9th Century BC during the rule of King Ahab and his wife Queen Jezabel. After Israelite King Ahab married the princess Jezabel, he turned away from the True and Only God and started worshiping idols was spreading idolatry among his people. Elijah warned King Ahab about his doings against God by prophesying about three years of drought.Then God commanded Elijah to go away and stay in Kerith Ravine, where he was fed by ravens and drank from the brook until it dried out. Elijah appeared before Ahab three years later and prayed to Almighty to send down fire for his sacrifice and heavy rain to end the three year long drought.It is also told, that thanks to the divine grace, Prophet Elijah helped the widow in Zarephath making so that her bowl wouldn’t run out of flour and her jar wouldn’t run of oil, also restored the widow’s dead son to life. Elijah did not die, but by the Grace of God was taken to heaven (2 Kings 2:11). In the New Testament he appears with Moses at the Transfiguration of our Lord Jesus Christ. 6


ՏՕՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՒ ԳԱՅԻԱՆԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ

(Մայիս 31 եւ Յունիս 1, 2020) Ամէն տարի` Հոգեգալստեան տօնէն մէկ շաբաթ վերջ` Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերուն, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը խնկարկէ Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց սբ. կոյսերու յիշատակի տօնը: Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդաբանութեան համաձայն Հռիփսիմեան եւ Գայիանեան կոյսերը հռոմէացի կոյսեր էին, որոնք կ'ապրէին Հռոմի Ս. Պօղոս կուսանոցը, Գայիանէ մայրապետի գլխաւորութեամբ: Փախչելով Դիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներէն, որ Հռիփսիմէի գեղեցկութենէն գէրուած կը փորձէր բռնի ուժով ամուսնանալ անոր հետ: Կոյսերը նախ կ'երթան Արեւելք, ապա Հայաստան: Հոս անոնք կը հաստատուին Վաղարշապատ մայրաքաղաքի մօտ գտնուող հընձանները: Տրդատ Գ արքան եւս, հմայուած Հռիփսիմէ կոյսի գեղեցկութեամբ, կը ցանկայ ամուսնանալ անոր հետ: Սակայն մերժուելով` թագաւորը կը հրամայէ բոլոր կոյսերուն մահապատժի ենթարկել: Այս կը պատահի Վաղարշապատ, 301 թ.` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի` վիրապէն ելլելէն քանի մը օր առաջ: Հռիփսիմէն 32 ընկերուհիներու հետ կը նահատակուի Վաղարշապատի հիւսիս-արեւելեան կողմը, Մայրապետ Գայիանէն` երկու ընկերուհիներու հետ` հարաւային կողմը, իսկ կոյսերէն մէկը, որ հիւանդ էր` հնձանի մէջ: Այս պատմութիւնը մեզի աւանդած է Դ-Ե դարերու պատմիչ Ագաթանգեղոսը: 7


SAINTS HRIPSIME AND GAYANE AND THEIR COMPANIONS On Monday and Tuesday before the Feast of St. Gregory the Illuminator's Deliverance from the Pit, this year May 31 and June 1, the Armenian Apostolic Church commemorates the virgin saints Hripsime and Gayane and their companions. According to Armenian church traditions St. Hripsime was a Roman nun of noble birth and belonged to a convent of St. Paul in Rome led by Abbes Gayane. They left Rome and found refuge in Armenia hoping to escape the Roman Emperor Diocletian, who vowed to marry one of the nuns, the beautiful Hripsime. Upon their arrival to Armenia, the nuns settled outside the walls of capital city of Armenia at that time Valarshabad, in an abandoned winepress. Being notified about Hripsime by Emperor Diocletian, King Tirdates III also became captivated by her beauty and sought to wed her. But Hripsime refused his advances. Enraged, the king had Hripsime and the other nuns imprisoned and tortured them to death in the year 301, just days before the Deliverance of St. Gregory from the pit. St. Hripsime and her 32 companions were martyred in the north-east of Vagharshabad, Abbes Gayane and two other nuns in the southern side and one of the nuns, that was sick and stayed behind was martyred in the wine-press. This story is passed to us by the 4-5 century historian Agathangelos.

8


ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՎԿԱՅԱՐԱՆՆԵՐԸ 301 թ. Վիրապէն նոր ելած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը հողին կը յանձնէ 9 օր անթաղ մնացած Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց կոյսերու սուրբ նշխարհները, որոնք անուշահոտութիւն կը բուրէին, իսկ անոնց նահատակութեան տեղը կը կառուցեն երեք փայտաշէն վկայարաններ.  Ս. Հռիփսիմէի գերեզմանին վրայ  Ս. Գայիանէի նահատակութST HRIPSIME CHURCH եան տեղը:  Երրորդը` կոյսերու ապաստանած հնձանի մէջ` ուր հիւանդութեան պատճառով մնաց անոնցմէ մէկը եւ հոն նահատակուեցաւ: 615-618 թթ. Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսը կը կերտէ Ս. Հռիփսիմէ սքանչելի քարաշէն վանքը, ինչպէս նաեւ կոյսերու նահատակութեան փառաբանութեան համար կը գրէ «Անձինք նուիրեալք» շարականը: Քարաշէն տաճար կը կառուցուի նաեւ Ս. Գայիանէի նահատակութեան վայրը 632 թ., Եզր կաթողիկոսի ձեռնարկումով: 1694 թ. Կոյսերու բնակութեան վայրը` հնձանին տեղը կը վերակառուցուի այսօրուայ Ս. Շողակաթ վանքը՝ Նահապետ Ա. Եդեսացի կաթողիկոսի օրով եւ շոռոթեցի Աղամալ իշխանի բարերարութեամբ: Հայ եկեղեցին սահմանած է նաեւ Շողակաթ վանքին նուիրուած տօն, որը կը նշուի Օգոստոս ամսուայ առաջին կէսին, Վերափոխումն Ս. Աստուածածնայ տօնին նախորդող Շաբաթ օրը: Բոլոր երեք եկեղեցիներն ալ կը գտնուին Էջմիածնի մէջ:

MONASTERIES OF VIRGIN SIANTS When St. Gregory the Illuminator was released from his 13 year long imprisonment in Khor Virab in 301, he collected and buried the scattered remains of holy nuns. He also built wooden chapels over their relics: • the first one was built on the tomb of St. Hripsime, • the second on that of St. Gayane • the third chapel was built on the tomb of the Virgin who was martyred in the wine-press, were the nuns were living. 9


The church dedicated to Saint Hripsime, was built by Catholicos Gomidas in 615618, and it is considered to be an architectural masterpiece. Catholicos Gomidas also wrote the hymn 'Antsink ST. GAYANE CHURCH Nviryalk' (Dedicated Beings) in their memory. By the direction of Catholicos Ezr, in the year 632 the church of St. Gayane was erected. Today a small group of Armenian nuns live in the monastery of St. Gayane and the order is called, "The Women’s Monastery of the Mother See of Holy Etchmiadzin." The Shoghakat monastery was rebuilt in 1694 with the support of Catholicos Nahabed I Edessatsi and generous contribution of noble Aghamal Shorotetsi. All three churches are located in the city of Etchmiadzin, Armenia, not far from the Mother See of Holy Etchmiadzin and they are listed in the UNESCO World Heritage Sites.

ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ... Ա- Դէպի Հայաստան գալու ճանապարհին, Հռիփսիմեանց կոյսերէն ոմանք կը մնան Եդեսիա: Անոնցմէ մէկը` Մանէն, կը մնայ Բարձր Հայքի Դարանաղեաց գաւառը ու բնակուST. SHOGHAKAT CHURCH թիւն կը հաստատէ Սեպուհ լերան վրայ, քարայրի մը մէջ, զոր կոչուեցաւ Մանէի Այր: Յետագային Մանէի այրին մէջ աոանձնացաւ ու իր մահկանացուն կնքեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը: ԲԱգաթանգեղոսը հնձանի մէջ նահատակուած կոյսի անունը չէ գրառած, բայց աւան10


դութիւնը անոր կոչած է Մարիանէ: Այդ նոյն հնձանին մէջ Լուսաւորիչը տեսաւ իր տեսիլքը, երբ երկինքէն «կաթեցան Տիրոջ լոյսի շողերը, եւ իջաւ Միածինը» ու Մարիանէի վկայարանը ստացաւ Ս. Շողակաթ անունը: Գ- Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց Ս. Կոյսերու յիշատակութեան օրերուն անոնց անունը կրող եկեղեցիներէն ներս կը մատուցուի Ս. Պատարագ: Այդ օրերուն Մայր Աթոռի գանձատունէն սրբուհիներու մասունքները թափորով կը տարուին իրենց անունը կրող եկեղեցիները: Ուխտաւոր հաւատացեալները առիթը կ'ունենան ստանալու սուրբ մասունքներէն ճառագող օրհնութիւնը եւ հայցելու անոնց բարեխօսութիւնը: Երկու տօներն ալ ունին իրենց նախատօնակը, որ կը կատարուի տօներու նախորդ օրը՝ երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ՝ Ս. Կոյսերուն նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ:

DID YOU KNOW?... A- On thier way to the land of Ararat some of the Hripsimian nuns stayed in Edessa. One of them went to the Daranagheayts province of Uper Hayk and started living a life of solitary prayer in one of the caves on mount Sebuh. The cave was named ‘Mane’s Cave'. Later. St. Gregory the Illuminator withdrew and lived in Mane's the remaining of his days. B- Historian Agatangeghos did not mention the name of the Virgin who was martyred in the winepress, but it is believed to be Marianeհ. In this same wine-press St. Gregory the Illuminator had his vision, where the rays of the Lord’s light “dropped” from heavens. That is why Marianeհ’s shrine was named St. Shoghakat. C- On the feast days of both St. Hripsime & her Companions ( this year June 12) and St. Gayane (this year June 13), the Divine Liturgy is celebrated in churches bearing their names . In the city of Echmiadzin, the saints' relicts are brought to St. Hripsime & St. Gayane churches from the treasury museum of Mother See of Holy Echmiadzin. Here the faithful pilgrims get the opportunity to receive the blessings radiating from the holy relics and ask for Saints' intercession. Both feasts have a special evening service, that is celebrated on the eve of each feast, where the hymns dedicated to virgin saints are sung. 11


ՏՕՆԵԼԻ ԱՆՈՒՆՆԵՐ Մայիս 30-ին Եղիա մարգարէի յիշատակի օրուայ առիթով տօնելի անուններն են՝ ԵՂԻԱ, ԷԼԻԱ ԵՒ ԷԼԻ *** Մայիս 31-ին եւ Յունիս 1-ին Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց Կուսանանց յիշատակի օրերուն առիթով տօնելի անուններն են՝ ՀՌԻՓՍԻՄԷ, ԳԱՅԱՆԷ, ՌԻՄԱ, ՀՌԻՓՍԻԿ, ՀՈՌՈՓ, ՀՈՌՈՄ ԵՒ ՀՈՒՐԻ ՁԵՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ԱՊՐԻ'Ք

CELEBRATED NAMES May 30 is the remembrance day of the prophet Elijah, and the following names are celebrated: th

YEGHIA, ELIA & ELIE May 31th & June 1st are the remembrance days of St. Hripsime & St. Gayane the following names are celebrated:

HRIPSIME, GAYANE, RIMA, HRIPSIG, HOROP, HOROM & HOURI 12


IMPORTANT ANNOUNCEMENT Dear faithful, As of Monday, April 19, 2021, according to the announcement of the Province of Ontario, the attendance inside the church will be restricted to 10 people, including priests, deacons and choir members. The Sunday Divine Liturgies and Wednesday evening prayer services will take place behind closed doors. We encourage you to follow the livestream of the services on Facebook/TorontoArmenianChurch Baptisms, weddings and funerals will continue to take place at the church with a maximum of 10 people in attendance. Please contact the Church office for an appointment prior to your visit or if you have any questions or concerns, Tel: 416-431-3001 ext. 226 or by email: info@TorontoArmenianChurch.com Thank you for your cooperation. Stay safe and healthy. Parish Council, Holy Trinity Armenian Church

ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Սիրելի հաւատացեալներ, Օնթարիոյի Կառավարութեան յայտարարութեան համաձայն, Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ, 2021-էն սկսեալ, Կիրակնօրեայ Պատարագները, Հոգեհանգստեան արարողութիւնները, ինչպէս նաեւ Չորեքշաբթի երեկոներու աղօթքները տեղի պիտի ունենան գոց դռնե-րու կարգով: Ձեզի կը քաջալերենք Եկեղեցւոյս դիմատետրի էջի միջոցավ հետեւիք արարողութիւններուն: Մկրտութիւններ, պսակներ եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններ պիտի շարունակուին կատարուիլ, սակայն ըստ սահմանւած օրէնքին, այս ընթացքին առաւելագոյնը 10 հոգի կրնայ ներկայ գտնուիլ եկեղեցւոյ շէնքի տարածքին մէջ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք կապ հաստատել եկեղեցւոյս գրասենեակին հետ`416 431 3001 Ext 226 կամ ե-նամա-կով՝ info@TorontoArmenianChurch.com Առողջութեան եւ խաղաղութեան բարի մաղթանքներով, Սբ. Երրորդութիւն Հայց Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդ 13


Requested by Mr. & Mrs. Mouses & Ilham Khachatourian and Family Mr. & Mrs. Vahram & Lousin Khachatourian and Family Mr. & Mrs. Zaven & Shaghig Khachatourian and Family Mr. Zakar Zakarian and Family Mrs. Varte Khachatourian and Family

In Memory of THE LATE DJEMILE KHACHATOURIAN On 40th day of her passing

Requested by Mr. Serge Arzoumanian and daughters, Gayaneh Arzoumanian and Melanie Arzoumanian

In Memory of THE LATE MONICA GAROUNI-ARZOUMANIAN On 1st Anniversary of her passing

Requested by Mr. & Mrs. Aram & Zvart Gabriel Ms Zarouhi Meldonian Mr. & Mrs. Dikran & Jannette Meldonian Mr. & Mrs. Sarkis & Silva Meldonian

In Memory of THE LATE SUREN GABRIEL On 1st anniversary of his passing 14


Requested by Ms Rose Aharonian

In Memory of Her Beloved Father, THE LATE SHAVARSH AHARONIAN On 3rd anniversary of his passing

Requested by Mr. & Mrs. Steve & Evelyn Tefoglou Marianne Madjarian Violette Nairie Madjarian Mr. & Mrs. Aharon & Rose Madjarian & Family Mr. & Mrs. Nazar & Hermine Madjarian & Family Kathrine Kontopoulos & Family Christine Tsobanis & Family Tahan, Zaroukian, Madzounian, and Hamboyan Families

In Memory of THE LATE SETRAK ARTIN MADJARIAN On 5th anniversary of his passing

Requested by Mrs. Arpiné Altounian

In Memory of THE LATE ABRO & BERJOUHI ABROYAN 15


Requested by Mr. & Mrs. Nurel and Lena Beylerian and children

In Memory of Their beloved Mother and Grandmother THE LATE DIRAMAYR ANAHID TASHDJIAN on 23rd anniversary of her passing and In memory of their beloved Brother and Uncle THE LATE KEVORK TASHDJIAN On 4th anniversary of his passing and in memory of the deceased members TASHDJIAN AND BEYLERIAN FAMILIES’

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Շնորհակալութիւն ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։ Եթէ կը նախընտրէք ձեր անունը չյիշել կատարած նուիրատուութեան համար, կը խնդրենք նախօրօք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ

APPRECIATIONS We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416 431 3001 | info@TorontoArmenianChurch.com

16


LIST OF DONATIONS TO HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH MAY 22 - 28, 2021

General Donation Mr. & Mrs. Edmond & Ruzanna Gharibian-Saki $500 Mr. Levon Arakelian $100 Mrs. Seda Ghazandjian $50

Membership 2021 Mrs. Ann Madeleine Djerahian $70 Mr. Levon Zakharyan $70 Mrs. Narine Babayan $70

Membership 2020 Mr. Levon Zakharyan $70 Mrs. Narine Babayan $70

In Memory of The Late Vahe Kerametlian Mr. Ara Vehian $500 Mr. Varouj Vehian $500 Dr. & Mrs. Vatche & Doris Kerametlian $500 Mr. & Mrs. Raffi & Mamie Baler $200 Dr. & Mrs. Artin & Eky Ternamian $200 Mr. Jim Davey $200 Mr. & Mrs Ian & Seta MacLennan $200 Mr. & Mrs. Andre & Seza Nazarian $200 Mr. Benon Sevan $150 Mr. Vazken Kerametlian $100 Mr. & Mrs. Aram & Tili Isnar $100 Mr. & Mrs. John Rand & Anita Mikaelian $100 Mr. & Mrs. Hrire & Susan Mikaelian & Family $100 Mrs. Sirvart Mikaelian $100 Mr. Antranik Tchelanguerian $50 Mrs. Seta Kandaharian $50 17


The Late Djemile Khachatourian Mr. & Mrs. Zaven & Shaghig Khachatourian $500

The Late Vartan Aynaciyan Mrs. Tivin Turchiaro $500

The Late Haik Khodaverdi Ms Hermineh Pakhanians $150

The Late Deacon Bedros Adrian Mr. & Mrs. Tom and Alvart Siraki $140

The Late Suren Haig Gabriel Mr.& Mrs. Aram & Zvart Gabriel $100

The Late Abro & Berjouhi Abroyan Mrs. Arpiné Altounian $100

The Late Setrak Artin Madjarian Mrs. Marianne Madjarian $100

The Late Remo Ramilli Mr. & Mrs. Stephan and Laura Ekmekjian $100

The Late Aram Djerahian Mrs. Ann Madeleine Djerahian $100

The Late Diramayr Anahid Tashdjian and Kevork Tashdian Dr. & Mrs. Nurel & Lena Beylerian $100

The Late Monica Garouni Arzoumanian Mr. & Mrs. Robert & Ella Sarkissian $100

The Late Charles Shavarsh Aharonain Ms Rose Aharonian $100

Altar Flowers Anonymous Donor $100

18


Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝

ԲԱՐԵՊԱՇՏ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՄԸ ****

This Sunday’s Altar Flowers are sponsored by A FAITHFUL PARISHIONER WHO WISH TO REMAIN ANONYMOUS The arrangement is provided by

Ken’s Flowers

19


20


21


ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԺԱՄՈՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆ (ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ) Եւ ԶՐՈՅՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՀԵՏ Սիրելի հաւատացեալներ, ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ «ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԺԱՄՈՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆ»-ը ուղիղ պիտի սփրուի եկեղեցւոյ Facebook-ի էջէն live stream-ի միջոցաւ ամէն Չոդեքշաբթի երեկոյեան ժամը՝ 7:00-ին: Իսկ «ԶՐՈՅՑ ՔԱՀՆԱՅԻ ՀԵՏ» հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ամէն Չոդեքշաբթի երեկոյեան ժամը՝ 8-ին Zoom ծրագիրի միջոցաւ: Իսկ մեզի նոր միացողներուն համար. կարեւոր է Zoom-ի ծրագիրը ունենալ իրենց Device-ին վրայ, ապա հետեւեալ Link-ով միանալ հանդիպման (Meeting ID: 893 7532 3140 / Passcode: 332790): Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ միանալու այս խիստ շահեկան զրոյցներուն, ուր պիտի ներկայացուին եւ քննարկուին մեզ յուզող նիւթեր քրիստոնէական տեսանկիւնէ:

PRAYERS FOR HEALING & CONVERSATION WITH THE PRIEST Dear faithful, we kindly inform you that from now, on every Wednesday evening at 7:00 pm, you can join the "PRAYERS FOR HEALING", church's Facebook page via live stream. And the "CONVERSATION WITH THE PRIEST" (on every Wednesday at 8:00 pm) through Zoom meetings. It is important to have the Zoom app on your computer or phone, then join us via the following link (Meeting ID: 893 7532 3140 / Passcode: 332790). We kindly invite you to join these greatly beneficial conversations, where will be presented and discussed topics of concern to us from a Christian perspective. 22


23


Դուն սուրբդ եւ կատարեալդ, որ փորձուեցար երկրիս վրայ, ո՛րչափ լաւ կը ճանչնաս մեզ, որ ամէն օր ենթակայ ենք փորձուելու եւ սխալելու: Մեր հացի պայքարէն, մեր փառասիրութիւններէն, մեր հաւատքի պակասէն կը ծնին այնպիսի կացութիւններ որոնց դիմադրել անհնարին կը թուի մեզ երբեմն: Բայց դուն որ յաղթել կրցար, նաեւ յաղթութիւն խոստացար անոնց որ քու ճամբովդ կը քալենnեւ քեզի կ’ապաւինին: Մեզի ներշնչում եւ առաջնորդութիւն եղիր, ո՛վ Տէր: Ազատէ՛ մեզ չարէն, ինչպէս սորվեցուցիր աղօթել, որովհետեւ քեզի կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: ********* Տէ՜ր, ըրէ այնպէս՝ որ սիրտս Քու սիրովդ եւ քաղցրութեամբդ լեցուի, եւ ես ալ Քու բարութեանդ ցոլացումը ըլլամ շրջապատիս մէջ: Խեղճն ու տկարը ոտնակոխ չընեմ, ցաւին ու տագնապին անտարբեր չմնամ, այլ՝ Քու քաղցր ցօղդ ըլլամ, եւ անժպիտ մարդոց ժպիտ մը բերեմ, անուրախ մարդոց սիրտը ուրախացնեմ, յուսահատ մարդոց յաւիտենական կեանքի յոյսը տամ, անսէր մարդոց սէր բաշխեմ, սառնացեալ սիրտերը սիրովդ ջերմացնեմ, եւ Քու սուրբ անունովդ կնքեմ եւ քեզի համար կամարեմ ու տաճարացնեմ անոնց հոգիները: Ամէն: 24


To take home one of these beautiful prayer boxes, we ask for a minimum $20 per box donation, proceeds of which will be allocated to the operating expenses of the Holy Trinity Armenian Church. A tax-deductible receipt will be issued for amounts donated in excess of $20 per box. 25


26


27


28


29


Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան

Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian

Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան

Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian

Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 30


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.