ՅՈՒՆԻՍ 27 JUNE, 2021 – No. 97
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
ՏՕՆ ԳԻՒՏԻ ՏՓՈՅ ՍՐԲՈՒՀՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻ ՏՕՆ ԳԻՒՏԻ ՏՓՈՅ ՍՐԲՈՒՀՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ. 2.5-11 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՀՌՈՄԷԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 8.31-10.4 ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 13.24-30
Առաւօտեան Ժամերգութիւն Ժամը 9։30-Ին Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝ ԱՐԺ. Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր Հովիւի Օգնական
֎ FIFTH SUNDAY AFTER PENTECOST FEAST OF DISCOVERY OF ST. MARY’S BOX SYNAXIS READINGS ISAIAH 2.5-11 ROM. 8.31-10.4 MATTHEW 13.24-30
Morning Service at 9:30 am Divine Liturgy at 10:30 am Celebrated by: REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor’s Assistant You are welcome to follow the live-stream of the Sermon On Sunday, June 27, 2021 starting 10:30 AM Facebook/TorontoArmenianChurch 2
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՀՌՈՄԷԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 9.30-10.4 Ուրեմն ի՞նչ ըսենք: Հետեւեա՛լը, թէ հեթանոսները՝ որոնք հետամուտ չէին արդարութեան՝ հասան արդարութեան, ա՛յն արդարութեան՝ որ հաւատքէն է. իսկ Իսրայէլ՝ որ հետամուտ էր արդարութեան Օրէնքին՝ չհասաւ արդարութեան Օրէնքին: Ինչո՞ւ. որովհետեւ ուզեց արդարանալ ո՛չ թէ հաւատքով, հապա որպէս թէ Օրէնքին գործերով: Արդարեւ անոնք գայթեցան սայթաքումի քարին վրայ, ինչպէս գրուած է. «Ահա՛ Սիոնի մէջ կը դնեմ սայթաքումի քար մը ու գայթակղութեան ժայռ մը, եւ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ ամօթահար պիտի չըլլայ»: Եղբայրնե՛ր, սիրտիս բաղձանքն է, նաեւ Աստուծոյ ուղղած աղերսանքս՝ Իսրայէլի համար, որ անոնք փրկուին: Որովհետեւ ես անոնց համար կը վկայեմ թէ նախանձախնդրութիւն ունին Աստուծոյ հանդէպ, բայց ո՛չ թէ գիտակցութեամբ: Քանի որ՝ անգիտանալով Աստուծոյ արդարութիւնը եւ ջանալով հաստատել իրե՛նց արդարութիւնը՝ անոնք չհպատակեցան Աստուծոյ արդարութեան: Որովհետեւ Քրիստո՛ս է Օրէնքին վախճանը՝ ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար:
ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 13.24-30 Ուրիշ առակ մըն ալ առաջարկեց անոնց ու ըսաւ. «Երկինքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ լաւ սերմ ցանեց: Մինչ մարդիկ կը քնանային՝ իր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց: Երբ խոտը ծաղկեցաւ ու պտուղ բերաւ, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ: Ուստի հողատիրոջ ծառաները մօտեցան եւ ըսին անոր. “Տէ՛ր, դուն լաւ սերմ չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է”: Ան ալ ըսաւ անոնց. “Թշնամի մը ըրած է ասիկա”: Ծառաները ըսին իրեն. “Ուստի կ՚ուզե՞ս որ երթանք ու քաղենք զանոնք”: Իսկ ան ըսաւ. “Ո՛չ, որպէսզի երբ որոմը քաղէք՝ ցորենն ալ 3
չփրցնէք անոր հետ: Թո՛յլ տուէք որ երկուքն ալ միասին աճին՝ մինչեւ հունձքի ատենը”: Եւ հունձքի ատենը պիտի ըսեմ հնձողներուն. “Նախ որո՛մը քաղեցէք ու խուրձ-խուրձ կապեցէ՛ք՝ այրելու համար, իսկ ցորենը ժողվեցէ՛ք իմ ամբարս”»:
ROMANS 9.30-10.4 What then shall we say? That the Gentiles, who did not pursue righteousness, have obtained it, a righteousness that is by faith; but the people of Israel, who pursued the law as the way of righteousness, have not attained their goal. Why not? Because they pursued it not by faith but as if it were by works. They stumbled over the stumbling stone. As it is written: “See, I lay in Zion a stone that causes people to stumble and a rock that makes them fall, and the one who believes in him will never be put to shame.” Brothers and sisters, my heart’s desire and prayer to God for the Israelites is that they may be saved. For I can testify about them that they are zealous for God, but their zeal is not based on knowledge. Since they did not know the righteousness of God and sought to establish their own, they did not submit to God’s righteousness. Christ is the culmination of the law so that there may be righteousness for everyone who believes.
MATTHEW 13.24-30 Jesus told them another parable: “The kingdom of heaven is like a man who sowed good seed in his field. But while everyone was sleeping, his enemy came and sowed weeds among the wheat, and went away. When the wheat sprouted and formed heads, then the weeds also appeared. “The owner’s servants came to him and said, ‘Sir, didn’t you sow good seed in your field? Where then did the weeds come from?’ “‘An enemy did this,’ he replied. “The servants asked him, ‘Do you want us to go and pull them up?’ “‘No,’ he answered, ‘because while you are pulling the weeds, you may uproot the wheat with them. Let both grow together until the harvest. At that time, I will tell the harvesters: First collect the weeds and tie them in bundles to be burned; then gather the wheat and bring it into my barn.’”
4
ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ - THIS SUNDAY
ԳԻՒՏ ՏՓՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ Այս Կիրակի, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը տօնէ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնը: Գալիոս եւ Կանդիդոս անունով իշխանազուն յոյն եղբայրներ Երուսաղէմ ուխտի երթալու ճանապարհին կը լսեն, որ Գալիլիոյ գիւղերէն մէկուն մէջ հրեայ պառաւի մը տունը հրաշքներ կը կատարւին: Անոնք հետաքրքրուելով կը տեսնեն, թէ հոն փոքրիկ սնտուկ մը կայ, որուն մէջ պահուած է Աստւածածնի գլխաշորը: Իրենք սնտուկին չափով ուրիշ սնտուկ մը շինել կու տան ու զայն փոխելով գըլխաշորին սնտուկին հետ կը վերցնեն եւ շիտակ Կ. Պոլիս կը բերեն եւ կը յանձնեն Պատրիարքին: Բիւզանդացի Լեւոն կայսեր օրով (457-474) մէծ թափօրով ու պատուով շուտով տուփը կը զետեղւի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ: Այս առիթով, Յուլիս 2-ին յատուկ տօն կը հաստատուի Յունաց մէջ: Այդ տօնը մեզի անծանօթ եղած է, մինչեւ Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոսը, որ 1744-ին հրատարակած եկեղեցական տօնացույցին մէջ զետեղած է այն Հոգեգալստեան Ե. Կիրակիին, որ օրերու շարժականութեամբ Յունիս 14-էն մինչեւ Յուլիս 18 կրնայ հանդիպիլ: 5
FEAST OF DISCOVERY OF ST. MARY’S BOX This Sunday, the Armenian church is celebrating one of the 8 feasts, that Armenian church dedicated to the Holy Mother of God: The Feast of Discovery of St. Mary's Box, in which she kept her veil. According to tradition, while on a pilgrimage to the Holy Land, two Greek princes came across to an astounding discovery. In one of the villages in Galilee, they saw many people gathered at a Jewish woman's house, where was a box with miraculous power of healing. The brothers arranged for an imitation box to be made and switched it with the box of the Holy Mother. They returned to Constantinople and presented it to the Patriarch. They were received with a celebration and the box was placed in the Cathedral dedicated to the Holy Mother Mary. The Patriarch then established the Feast of the Discovery of St. Mary’s Box.
The celebration of the Discovery of the Box of St. Mary was introduced in the Armenian Church during the revisions made by Catholicos Simeon Yerevantzi (Catholicos 1763-1780), who accepted this tradition from the Greek Orthodox Church in the late 18th century. The feast of Discovery of the Box is a movable feast and falls on the fifth Sunday after Pentecost (June 14-July 18). 6
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՍԲ. 12 ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՊՕՂՈՍԻ 13-ՐԴ ԱՌԱՔԵԱԼԻՆ Յիսուս Քրիստոսի ընտրած 12 առաքեալները Քրիստոսի վարդապետութեան տարածողներն ու յարուցեալ Քրիստոսի վկաներն էին: «Առաքեալ» բառը յունարէն αποστολος բառի հայերէն թարգմանութիւնն է, որ 12-ի պարագային կը նշանակէ Աւետարանը քարոզելու համար ղրկուած անձ մը եւ ամենայն իշխանութեամբ օժտուած դեսպան:
Չորս Աւետարաններն ալ կը խօսին 12 առաքեալներու մասին: «Ահա՛ւասիկ տասներկու առաքեալներուն անունները.առաջինը՝ Սիմոն, որ Պետրոս կը կոչուի, եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէաս, Յակոբոս Զեբեդեան եւ անոր եղբայրը՝ Յովհաննէս, Փիլիպպոս ու Բարթողոմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս՝ մաքսաւորը, Յակոբոս Ալփեան ու Ղեբէոս՝ որ Թադէոս մականուանեցաւ, Սիմոն Կանանացի եւ Յուդա Իսկարիովտացի, որ մատնեց զայն: (Մատթ. 10.2-4): Յետագային 12 առաքեալներու շարքին Յուդայի փոխարէն ընտրուեցաւ Մատաթիա առաքեալը: Առաքեալները Յիսուսի պատուիրանները քարոզեցին եւ ուսուցանեցին տարբեր ազգերուն, 7
«մկրտեցին զանոնք Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն անունով»՝ դառնալով Քրիստոսի եկեղեցւոյ հիմնադիրները: Քրիստոսի պատուիրաններու ամենամեծ քարոզիչներէն էր Պօղոս առաքեալը, որուն քրիստոնեայ եկեղեցին կը համարէ 13-րդ առաքեալ: Փարիսեցի ըլլալով ան խստօրէն կը պահէր օրէնքը եւ կը հալածէր քրիստոնեաները: Սակայն Դամասկոսի ճանապարհին Յիսուս անոր երեւցաւ եւ Սօղոսը` յետագային Պօղոս առաքեալը, դարձաւ Աւետարանի ամենաեռանդուն քարոզիչը: Առաքեալներու գործունէութեա ն նուիրուած է Նոր Կտակարանի «Գործք Առաքելոցը»: Իսկ Պօղոս առաքեալի քարոզութեան ու գործունէութեան վաւերագրութիւններն են Պօղոս առաքեալի գրած 14 նամակները: Հայ եկեղեցին առաքեալներուն յիշատակը կը տօնէ Վարդավառէն մէկ շաբաթ առաջ, Վարդավառի Բարեկենդանը նախորդող Շաբաթ օրը (3 Յուլիս, 2021): COMMEMORATION OF CHRIST’S TWELVE APOSTLES AND THIRTEENTH APOSTLE - ST. PAUL This year on July 3 the Armenian Church celebrates the Commemoration day of Christ’s twelve Apostles and 13th Apostle - St. Paul. The word apostle derives from the Greek word apostellein which means "one who is sent away" (a messenger). The names of 12 apostles were: Simon (to whom he gave the name Peter); James son of Zebedee 8
and John the brother of James (to whom he gave the name Boanerges, that is, Sons of Thunder); and Andrew (brother of Peter), and Philip, and Bartholomew, and Matthew, and Thomas, and James son of Alphaeus, and Thaddaeus (Judas, Jude, brother of James), and Simon the Cananaean, and Judas Iscariot, who betrayed him. (Mark 3:16). The twelve Apostles were chosen by Our Lord Jesus Christ, who called them Apostles, and gave them power to heal sicknesses and to cast out demons (Mark 3:15). He sent them to preach about the Kingdom of Heaven. He gave them advice and instructions, explaining to them the difficulties they will encounter (Matt. 10: 5-42). Later instead of Judas Iscariot Apostle Matthias was chosen, who was added to the group of eleven apostles. The apostles went to all people and preached and taught the Commandments of Jesus, baptized them in the name of the Father, the Son and the Holy Spirit. One of the greatest preachers of Christ’s commandments is Apostle Paul, who is recognized by the Christian Church as the thirteenth Apostle. Paul was initially an enemy of Christians and persecuted them. He had a vision on the road to Damascus and became a fervent Christian convert and was subsequently responsible in large measure for the rapid spread of Christianity. Many of the New Testament books (aside from the four Gospels) are from the writings of Paul. The book of Acts is dedicated to the apostles’ work after the resurrection of our Lord Jesus Christ. The Armenian Church commemorates the 12 Apostles and Apostle Paul on the Saturday preceding the Eve of The Fast of Transfiguration. 9
IMPORTANT ANNOUNCEMENT Dear faithful, We are happy to announce that according to the directions established by the officials at the city of Toronto, starting June 11, 2021, we can welcome 15% of our Church capacity (up to 100 people) for to attend Weddings, funerals or religious services, rite or ceremony. Please note everyone is required to wear masks prior to the entry, register their name and contact information and follow the social distancing regulations. Please contact the Church office if you have any questions: Tel: 416-431-3001 ext. 226 or by email: info@TorontoArmenianChurch.com It’s a pleasure to see you soon, Parish Council, Holy Trinity Armenian Church
ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Սիրելի հաւատացեալներ Սիրով կը տեղեկացնենք, թէ Թորոնթօ քաղաքի իշխանութիւններու ցուցմունքներուն համաձայն, 2021 թուականի Յունիսի 11-էն սկսեալ, Կիրակնօրեայ Պատարագները, Հոգեհանգստեան արարողութիւնները, խորհրդակատարութիւնները, յուղարկաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Չորեքշաբթի երեկոներու եւ Հինգշաբթի առաւօտներու ժամերգութիւնները, տեղի պիտի ունենան հաւատացեալու ներկայութեամբ՝ մեր Եկեղեցւոյ տարողութեան 15% տոկոսով (մինչեւ 100 հոգի): Կը Խնդրենք նկատի ունենալ, թէ եկեղեցի մուտք գործելէ առաջ պարտաւոր էք դիմակներ կրել, գրանցել ձեր անունն ու կապի տուեալները եւ եկեղեցւոյ մէջ պահպանել իրարմէ ապահով հեռաւորութիւն պահելու կանոնները: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք կապ հաստատել եկեղեցւոյս գրասենեակին հետ` 416 431 3001 Ext 226 կամ ե-նամակով՝ info@TorontoArmenianChurch.com Ձեզ տեսնելու ուրախութեամբ` Սբ. Երրորդութիւն Հայց Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդ 10
Requested by Kerametlian Family
In Memory of THE LATE VAHE KERAMETLIAN On 40th day of his passing
Requested by Mrs. Bella Isakhanyan Mr. & Mrs. Levon Zakharyan and Nara Babayan and son, Gabriel Zakharyan
In Memory of Their beloved son, brother and uncle THE LATE GABRIEL ZAKHARYAN On 1st anniversary of his passing in Armenia
Requested by Hripsime & Hasmig Varjabedian
In Memory of THE LATE ALEXANDRE & VARSENIG VARJABEDIAN THE LATE ELBIS, NOYEMZAR & MANOUK VARJABEDIAN THE LATE ASADOUR & ZAROUHI GHAZARIAN THE LATE MARINA & NICOLE GHAZARIAN AND YEGHISABETH GHAZARIAN
11
Requested by Mr. & Mrs. Vahan and Natalya Navasardyan
In Memory of THE LATE YESTER CHALIKYAN RIPSIK MARTIROSYAN ANICHKA MINASYAN OFELIA NAVASARDYAN
Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝ ԳԵՐԱՄԷԹԼԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ Ի յիշատակ իրենց սիրեցեալ ՎԱՀԷ ԳԵՐԱՄԷԹԼԵԱՆԻ **************** Altar Flowers are sponsored by THE KERAMETLIAN FAMILY In Loving Memory of THE LATE VAHE KERAMETLIAN The arrangements provided by Flowers of The World
12
LIST OF DONATIONS TO HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH FROM: JUN 20, 2021 - TO: JUN 25, 2021
Church Clean up & Beautification Ms Rose Aharonian $250
General Donation Mr. Anthony Kheir $1,000 Mr. & Mrs. Aram & Arusyak Atamer $300 Ms Payloun Movsessian $30 Miss Alis Spanos $200.00
Membership 2021 Mr. John Yeghouchian $70 Ms Maryam Antranik $70 Mrs. Joy Bedrosyan $100
Delegate Due Mrs. Vartouhie Imasdounian $250 Mr. Aram Isnar $100
Louma Mr. & Mrs. Allen & Sonia Atamer $150
Father's Day Mr. & Mrs. Zadeek & Seta Hettan Gorgisian $100
In Memory of Departed Souls of Varjabedian & Ghazarian families Hiripsime, Hasmig & Razmig Varjabedian $200
The Late Abdelaziz Musa Fazgen Musa $100
13
The Late Ara Boyajian George & Mary Ternamian $100
Beloved Departed Souls Mr. & Mrs. Vahan & Nathalya Tchalikian $50
The Late Maro Tomassian Mrs. Cheryl Martin $50
Altar Flowers Dr. & Mrs. Vatche & Doris Kerametlian $75 Mr. & Mrs. Sahin & Roobina Hartooni $75
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Շնորհակալութիւն ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։ Եթէ կը նախընտրէք ձեր անունը չյիշել կատարած նուիրատուութեան համար, կը խնդրենք նախօրօք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ APPRECIATIONS We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416-431-3001 | info@TorontoArmenianChurch.com
14
15
16
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՐՋԱԲԱԿԻ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄԻՍ
Սիրելի բարեկամներ, այսու ձեզ կը հրաւիրենք ուխտաւորաբար մասնակցելու մեր եկեղեցւոյ կառոյցի առաւել եւս պայծառացման (մաքրութեան եւ բարեկարգման) աշխատանքներուն: Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ. 19 Յունիս- եկեղեցւոյ արտաքին տարածքի մաքրութիւն: 26 Յունիս- եկեղեցւոյ արտաքին տարածքի նորոգութեան աշխատանքներ: 3 Յուլիսեկեղեցւոյ աշխատանքներ:
արտաքին
տարածքի
ներկի
10 Յուլիս- եկեղեցւոյ արտաքին տարածքին մէջ ծաղիկներ եւ բոյսեր ցանելու աշխատանքներ: Այս լաւագոյն առիթն է Աստուծոյ եւ մեր աղօթքի տան՝ եկեղեցւոյ նկատմամբ արտայայտելու մեր երախտագիտութիւնը, միաժամանակ վայելելու բարեկամներու ներկայութիւնը։ Մանրամասն տեղեկութիւններու եւ արձնագրութեան համար, հաճեցէք լրացնել առցանց դիմումնագիրը՝ https://www.torontoarmenianchurch.com/month-of-cleaning.../ Եկեղեցւոյ գրասենեակին հետ կապ հաստատելու համար` Հեռ. 416-431-3001 ext. 226 է-նամակ՝ info@TorontoArmenianChurch.com
17
18
HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH’S MONTH OF CLEANING AND BEAUTIFICATION
Dear friends, you are invited to participate in the cleaning and beautification campaign of our holy church’s outdoor grounds. On Saturdays, starting 10:00 am June 19: Cleaning of the exterior grounds June 26: Renovation of the exterior grounds July 3: Exterior painting projects July 10: Planting shrubs and flowers This is the best way to express our gratitude to our Lord the Almighty and our house of worship, while enjoying the company of our friends.
Please complete the online Volunteers Application form: https://www.torontoarmenianchurch.com/month-of-cleaning.../ Or contact the church office: Tel: 416-431-3001 ext. 226 Email: info@TorontoArmenianChurch.com
19
20
21
22
23
24
Դուն, որ կ’օրհնես քեզ օրհնաբանողները, Տէ՜ր, եւ կը սրբես քեզի վստահողները: Փրկէ քու ժողովուրդդ, օրհնէ՛ քու ժառանգութիւնդ. քու Եկեղեցիդ ամբողջ պահէ: Սրբէ՛ անոնք, որոնք սիրով յօժարեցան քու տունդ վայելուչ պահել: Փառաւորէ՛ մեզ աստուածային քու զօրութեամբդ, եւ մի՛ լքեր քեզի ապաւինողներս: Քու խաղաղութիւնդ պարգեւէ ամբողջ աշխարհին.Եկեղեցիներուն, քահանաներուն, քրիստոնեայ ղեկավարներուն, Հայոց ազգի Հայրապետութեան ու Հանրապետութեան, մեր բանակին եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին: Որովհետեւ բոլոր բարի բաները եւ բոլոր կատարեալ պարգեւները երկինքէն՝ քեզմէ՛ կու գան, ո՜վ Հայր, որ լոյսի արարիչն ես: Եւ քեզի՛ կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնը եւ պատիւը. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս եւ յաւիտենից: Ամէն:
25
To take home one of these beautiful prayer boxes, we ask for a minimum $20 per box donation, proceeds of which will be allocated to the operating expenses of the Holy Trinity Armenian Church. A tax-deductible receipt will be issued for amounts donated in excess of $20 per box. 26
27
28
29
30
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 31