ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ՅՈՒՆՈՒԱՐ 02 FEBRUARY, 2020 – No. 24
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
THIS ISSUE OF “SHOGH” IS SPONSORED BY
MRS. ALICE EVRAN & FAMILY
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ԶԿՆԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՈՑ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 61.10-62.9 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 2.15-26 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 6.15-21 ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝
ԱՐԺ. Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր հովիւի օգնական THIRD SUNDAY AFTER NATIVITY SYNAXIS READINGS ISAIAH 61:10-62:9 TMOTHY 2/15-26 JOHN 6:15-21 Divine Liturgy at 10:30 AM Celebrated by:
REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor҆s Assistant
Choirmaster: Mr. Shahe Altounian Organist: Mrs. Sona Artinian 2
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 2.15-26 Ջանա՛ դուն քեզ գնահատելի ցոյց տալ Աստուծոյ առջեւ, ըլլալով այնպիսի գործաւոր մը՝ որ պիտի չամչնայ, շիտակ բացատրելով ճշմարտութեան խօսքը: Բայց հեռո՛ւ կեցիր սրբապիղծ ունայնաբանութիւններէն, քանի որ անոնք աւելի պիտի յառաջդիմեն ամբարշտութեան մէջ, եւ անոնց խօսքը պիտի ճարակէ քաղցկեղի պէս: Ասոնցմէ՛ են Հիմենոս եւ Փիղետոս, որոնք վրիպած են ճշմարտութենէն՝ ըսելով թէ մեռելներուն յարութիւնը արդէն եղած է, եւ կը կործանեն ոմանց հաւատքը: Սակայն Աստուծոյ հիմը ամուր կը կենայ եւ ունի սա՛ կնիքը. “Տէրը կը ճանչնայ անոնք որ իրն են”, նաեւ. “Ո՛վ որ կ՛արտասանէ Քրիստոսի անունը՝ թող հեռանայ անիրաւութենէ”: Մեծ տան մը մէջ կան ո՛չ միայն ոսկիէ ու արծաթէ անօթներ, այլ նաեւ փայտէ եւ հողէ անօթներ: Ոմանք պատիւի համար են, ու ոմանք՝ անպատուութեան համար: Ուստի եթէ մէկը մաքրէ ինքզինք ասոնցմէ, պիտի ըլլայ պատիւի անօթ մը՝ սրբացած եւ պիտանի իր Տէրոջ, պատրաստուած ամէն բարի գործի համար: Փախի՛ր նաեւ երիտասարդական ցանկութիւններէն, ու հետամո՛ւտ եղիր արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան, անո՛նց հետ՝ որ կը կանչեն Տէրոջ անունը մաքուր սիրտով: Բայց հրաժարէ՛ յիմար եւ անիմաստ վէճերէն, գիտնալով որ կռիւներ կը ծնին անոնցմէ: Տէրոջ ծառան պէտք չէ կռուի, հապա՝ ըլլայ հեզահամբոյր բոլորին հանդէպ, սորվեցնելու ընդունակ, անոխակալ, ընդդիմացողները հեզութեամբ կրթող, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը գիտնալու համար, ու սթափին Չարախօսին թակարդէն, որմէ բռնուած են՝ անոր կամքին ծառայելու: 3
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 6.15-21 Ուրեմն Յիսուս, գիտնալով թէ պիտի գան յափշտակելու զինք՝ որպէսզի թագաւոր ընեն զինք, դարձեալ լեռը գնաց՝ առանձին: Երբ իրիկուն եղաւ՝ իր աշակերտները իջան ծովեզերքը, ու նաւ մտնելով կ՚երթային ծովուն միւս կողմը՝ Կափառնայում: Արդէն մթնցած էր, բայց դեռ Յիսուս եկած չէր իրենց: Ծովն ալ ալեկոծ էր՝ սաստիկ փչող հովէն: Երբ թի վարելով քսանհինգ կամ երեսուն ասպարէզի չափ գացին՝ տեսան Յիսուսը, որ կը մօտենար նաւուն՝ ծովուն վրայ քալելով, ու վախցան: Բայց ինք ըսաւ անոնց. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»: Ուստի ուզեցին ընդունիլ զինք նաւուն մէջ. եւ նաւը իսկոյն հասաւ այն երկիրը՝ ուր կ՚երթային: TIMOTHY 2 15-26 Do your best to present yourself to God as one approved, a worker who does not need to be ashamed and who correctly handles the word of truth. Avoid godless chatter, because those who indulge in it will become more and more ungodly. Their teaching will spread like gangrene. Among them are Hymenaeus and Philetus, who have departed from the truth. They say that the resurrection has already taken place, and they destroy the faith of some. Nevertheless, God’s solid foundation stands firm, sealed with this inscription: “The Lord knows those who are his,” and, “Everyone who confesses the name of the Lord must turn away from wickedness.” In a large house there are articles not only of gold and silver, but also of wood and clay; some are for special purposes and some for common use. Those who cleanse themselves from the latter will be 4
instruments for special purposes, made holy, useful to the Master and prepared to do any good work. Flee the evil desires of youth and pursue righteousness, faith, love and peace, along with those who call on the Lord out of a pure heart. Don’t have anything to do with foolish and stupid arguments, because you know they produce quarrels. And the Lord’s servant must not be quarrelsome but must be kind to everyone, able to teach, not resentful. Opponents must be gently instructed, in the hope that God will grant them repentance leading them to a knowledge of the truth, and that they will come to their senses and escape from the trap of the devil, who has taken them captive to do his will... JOHN 6.15-21 Jesus, knowing that they intended to come and make him king by force, withdrew again to a mountain by himself. When evening came, his disciples went down to the lake, where they got into a boat and set off across the lake for Capernaum. By now it was dark, and Jesus had not yet joined them. A strong wind was blowing and the waters grew rough. When they had rowed about three or four miles, they saw Jesus approaching the boat, walking on the water; and they were frightened. But he said to them, “It is I; don’t be afraid.” Then they were willing to take him into the boat, and immediately the boat reached the shore where they were heading.
5
ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ - THIS SUNDAY ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՈՑ Առաջաւորաց Պահքը յատուկ է Հայ Եկեղեցւոյ եւ կը սկսի Մեծ Պահքէն 3 շաբաթ առաջ: Ան կը տեւէ 5 օրեր: Այս տարի Առաջաւորաց Պահքը կը սկսի Փետրուար 2-ին: Հին ժամանակ, այդ օրերուն թոյլատրուած էր միայն հաց ու աղ ուտել, եւ նոյնիսկ արգիլուած էր Ս. Պատարագ մատուցանել: Առաջաւորաց Պահքի խորհուրդը հեթանոսական ապականութենէն մարդկային 5 զգայարանքներու սրբումն է: Առաջաւորաց Պահքը կը կոչուի նաեւ Փրկութեան Պահք։ Ներսէս Շնորհալին կը մեկնէ Առաջաւորք անունը իբր Առաջին Պահք, որովհետեւ Ս. Լուսաւորիչէն հրամայուած առաջին պահքին յիշատակութիւնն է ան, որ հաստատուն մնացած է մեր եկեղեցւոյ մէջ: Առաջաւորաց պահքի ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ չկան Սուրբ Գիրքէն ընթերցումներ, եւ Ս. Պատարագ ալ չի մատուցուիր: Առաջաւորաց Պահքը մարդիկ թիւրիմացաբար կը կոչեն նաեւ Ս. Սարգիսի Պահք, քանզի Առաջաւորաց Պահքին յաջորդող Շաբաթ օրը Հայ եկեղեցին կը տօնէ Ս. Սարգիսի տօնը: 6
Արտասուալից հառաչանքով՝ ամբողջ հոգիով կ’աղաչենք եւ կ’աղերսենք քեզի, ո՜վ փառաւոր Արարիչ, անեղծ եւ անստեղծ, անժամանակ եւ գթառատ Հոգի, որ անմռունչ հեծութիւններով մեզի համար կը բարեխօսես ողորմած Հօրը քով. դուն՝ որ սուրբերը կը պահես, եւ մեղաւորները մաքրելով՝ տաճար կը դարձնես, բարձրեալ Հօրը կենդանի եւ կենդանացուցիչ կամքին կատարման համար: Արդ, մեզ ազատէ՛ բոլոր անմաքուր գործերէն, որոնք հաճելի չեն քու բնակութեանդ համար. եւ չըլլա՜յ որ մեր միտքերու իմացական աչքերուն մէջ շիջին շնորհքներուդ լոյսին փայլումները. որովհետեւ սորվեցանք, թէ մեր աղօթքներով եւ խնկաբոյր ընտիր վարքով է որ մեզի կը միանաս, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: ********* Կենդանի Աստուծոյ ամենօրհնեալ Որդի, ահաւոր Հօրդ անքնին ծնունդն ես դուն, քեզի համար չկայ բնաւ անկարելի բան. քու ողորմութեանդ փառքին անստուեր նշոյլները երբ կը ծագին, մեղքերը կը հալին, դեւերը կը հալածուին, յանցանքները կը ջնջուին, կապանքները կը խզուին, հարուածները կը բժշկուին, վէրքերը կ’առողջանան, ապականութիւնները կը վերցուին, տխրութիւնները տեղի կու տան, խաւարը կը փախչի, չարիքները կը չքանան, յուսահատութիւնները կը հալածուին, ու քու ամենակարող ձեռքդ կը թագաւորէ, ո՛վ քաւիչ ամենայնի: Տէր Աստուած գթութեան, փրկութեան եւ ողորմութեան, քաւութեան եւ նորոգութեան, բժշկութեան եւ առողջութեան, լուսաւորութեան եւ կենդանութեան, բարութեան եւ անմահութեան, յիշէ մեզ երբ գաս քու թագաւորութեամբդ, եւ երբ կանչես մեզ, «Ո՞ւր էք», պատասխանենք՝ «Ահա հոս ենք, Տէր»: Քու փառքիդ համար յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: 7
Requested by Mr. Hampar Keleshian Miss Christine Keleshian In Memory of THE LATE IDA KELESHIAN On the occasion of 40th day of her passing
Requested by Mr. & Mrs. Apraham & Salpy Dervishian and Family Mr. & Mrs. Joseph & Maria Keoshgerian & Family Ms Nayiry Dervishian and all relatives In Memory of THE LATE SITA KOCHKARIAN On the occasion of 40th day of her passing
Requested by Mrs. Verjin Hekimian and Family In Memory of The Late THE LATE MARDIK HEKIMAIN On the occasion of 40th day of his passing 8
Requested by Mrs. Alis Evran Mr. & Mrs. Avedis & Irma Evran, Colin & Kevin Evran Mr. & Mrs. Arto & Aylin Evran, Caithlin Evran Mrs. Verjin Akcasu and Miss Surpuhi Evran In Memory of THE LATE SUREN EVRAN On the occasion of 1st anniversary of his passing
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, ի յիշատակ ննջեցեալ
ԻՏԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆԻ Եկեղեցւոյ ներքնասրահը Following the Divine Liturgy, reception will be held in memory of the Late
IDA KELESHIAN in lower level of the church.
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ Հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրելու համար (եօթնօրէք, քառասունք կամ տարելից) հաճեցէք հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակ, Երկուշաբթիէն Հինգշաբթի, ժամը 9։00-էն 16։00 Tel: 416 431 3001 info@TorontoArmenianChurch.com
REGISTERING REQUIEM SERVICES To register requiem services in memory of your loved ones, please contact Church office Monday-Thursday, 9:00 am to 4:00 pm 9
ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ (Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ) Շարունակութիւն ՇՈՂ թիւ 23-էն
Հաղորդութեան ինչպէ՞ս պէտք է պատրաստուիլ ։ Արդէն ըսուեցաւ, թէ ինքնաքննութիւնը, զղջումը, ապաշխարութիւնը եւ խոստովանութիւնը անհրաժեշտ պայմաններ են. որոնց կը հետեւի նաեւ բարեգործութիւնը, որովհետեւ մեղք գործող մարդը անպատճառ իր նմաններուն որեւէ չարիք կամ վնաս հասցուցած կʼըլլայ. Արդ, պէտք է հատուցել եւ դարմանել բարեգոծութեամբ։ Եւ վերջապէս, հաղորդուելէ առաջ պէտք է պաս եւ ծոմ պահել՝ ըստ մեր նախնիներուն բարեպաշտ աւանդութեան, որ շատ նպաստաւոր է հոգեւոր կեանքի համար։
Պատարագէն առաջ պատարագիչը նոյնպէս պարտաւո՞ր է պատրաստուիլ։ - Այո՜, եւ աւելի ուշադրութեամբ եւ խստութեամբ։ Պատարագիչներու պատրաստութեան համար մեր Եկեղեցին շատ հին եւ ընդհանրացած սովորութիւններ ունի. Այսպէս՝ անոնք Պատարագի նախորդ օրը, երեկոյան ժամերգութենէն ետք, պէտք է եկեղեցւոյ խուցերուն մէջ մնան, գիշերը ծոմապահութեամբ, աղօթքներով եւ հոգեւոր ընթերցանութեամբ անցնեեն, անպայման առաւօտեան ժամերգութեան մասնակցին, ապա մեծ խորհուրդը կատարելու համար, մաքուր մարմնով եւ սրբասուն խղճմըտանքով սուրբ Սեղան բարձրանան ։
10
Ի՞նչ է Շնորհալի հայրապետին պատուէրը պատարագիչ քահանաներուն։ - Աստուածային խորհուրդին սպասաւորեցէք մաքուր հոգիով, սուրբ սիրտով, անարատ հաւատքով, մեծ յոյսով, պարզ միտքով, կատարեալ սիրով, ահ ու դողով։ Խողովակի հոսող ջուրի պէս անմիտաբար մի՜ անցիք աղօթքի սրբազան խօսքերու միջով, անոնք ըլլան՝ սաղմոսերգութիւն, թէ Սուրբ Գիրքի ընթերցում կամ ժամերգութիւն, ինչպէս նաեւ սուրբ Պատարագի եւ այլ սահմանուած կանոններու քահանայական աղօթքներ, այլ՝ յոյժ ուշադիր եւ, եթէ կարելի է, արցունքով եւ մեծ երկիւղով։
Մեր Եկեղեցւոյ մէջ, Պատարագը ինչպէս կը մատուցուի։ - Լաւ մտածուած կարգաւորութեամբ եւ շատ վայելուչ ու խորհրդաւոր հանդիսաւորութեամբ. հոգենորոգ սաղմոսներ եւ աղօթքներ, հոգեզմայլ երգեր, պարտ ու պատշաճ զգեստաւորում, ջահավառութիւն, խնկարկութիւն եւ հաւատացեալներու սրտագին ու երկիւղած մասնակցութիւնը՝ տեղին համեմատ լուռ կամ ձայնաւոր հետեւողութեամբ, մեր Եկեղեցւոյ Պատարագի արարողութիւնը իր մեծ վայելչութեամբ խոր տպաւորութիւն կը ձգէ նոյնիսկ օտարազգի քրիստոնեաներուի վրայ։
Որո՞նք են Պատարագի արարողության էական պայմանները։ - Քրիստոնեական Եկեղեցւոյ մէջ հաստատուած կանոններուն եւ սովորութեան համաձայն Պատարագ կատարելու համար անհրաժեշտ են երեք էական պայմաններ. Ա- ձեռնադրուած եւ օծուած պաշտօնեայ, բ- հաց ու գինի, գ- աղօթք։ Պատարագիչը պէտք է Ձեռնադրութեամբ եւ օծումով քահանայական աստիճան ունեցող եկեղեցական ըլլայ։ Պատարագը պէտք է զուտ եւ մաքուր ցորէնի ալիւրով թխուած թարմ բաղարջ (անխմոր) հացով եւ անապակ (մաքուր, ջուր չխառնուած) գինով կատարուի։ Պատարագչի կողմէ հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ պէտք է օրհնութեան եւ սրբագործութեան քահանայական աղօթքներ ըսուին։ Պատարագի արարողութեան միւս մասերը հիմնուած են այս երեք պայմաններուն վրա,յ եւ խորհուրդի կատարումը վայելուչ եւ արտայայտութիւնը զգալի դարձնելուն կը նպաստեն։ շարունակելի
11
Christmas Donation: Mr. & Mrs. Edward & Anni Avanessy $200, Mr. & Mrs. Vaghinak and Jenik Vartanain $150 In Memory of: The Late Eugeny Kokorian-Yerganian: Mr. & Mrs. Bedros & Sonia Kokorian $500, Mr. & Mrs. Paul & Zaroug Ishkanian $75, Mr. John Kalaidjian $75 The Late Antranig Tchaderjian: Mr. Aharon Madjarian & Family $200. The Late Annie Kassabian: Friends and Colleagues $230, Mr. & Mrs. Armin Leonard & Nora Schmittat $100, Ms Mona Selyan $25 The Late Sepon Ruscukluyan: Mr. & Mrs. Nishan & Arshalous Sismanoglu $100, Mr. & Mrs. Ara & Apet Alpay $100, Mr. Garbis Norian $100, Mr. & Mrs. Arshak & Ani Ederyan $50 The Late Arthur Ohanjanian: Mrs. Mara Ohanjanian $50 All Deceased Members of Barounian & Ohanian Families: Mr. & Mrs. Kevork & Sossy Barounian $50 (Sunday School) Membership: Mr. & Mrs. Paul & Zaroug Ishkhanian $140, Mr. & Mrs. John & Freda Kalaidjian $140, Mr. & Mrs. Haig & Gulizar Goren $140, Mr. & Mrs. Varazh & Hasmik Abed-Stephen $140 The Late Yetvart Cadircioglu: Mr. & Mrs. Arshak & Ani Ederyan $100 (Women’s Guild) Baptism: Ekizain, Semerciyan, Avagyan Families Funeral: Kolukisayan Family General: Saturday School Staff $200, Mrs. Linda Picikian $105, Mr. John Kalaidjian $100, Mr. & Mrs. Stephen & Laura Ekmekjian $50, Mrs. Arshaluys Kandaharian $50, Mrs. Aznive Salibian $50, Mr. & Mrs. Varujan & Vergine Kalarbulut $50, Mr. & Mrs. Zaven & Varsenig Sarkissian $50, Ms Nooshig Sarkissain $50 12
«Շող» Կիրակնօրեայ Թերթիկի նուիրատու՝
ՏԻԿԻՆ ԱԼԻՍ ԷՎՐԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ Ի Յիշատակ իրենց սիրեցեալ ամուսնոյն եւ հօր՝
ՍՈՒՐԷՆ ԷՎՐԱՆԻ մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ‘Shogh’ Sunday Bulletin is sponsored by
MRS. ALICE EVRAN & FAMILY In Loving memory of The Late
SUREN EVRAN On the occasion of 1st anniversary of his passing
Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝
ՔԷԼԷՇԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ Ի Յիշատակ ննջեցեալ՝ ԻՏԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆԻ Մահուան քառասունքին *** The Altar Flowers sponsored by
KELESHIAN FAMILY In Memory of The Late
IDA KELESHIAN On the occasion of 40th day of her passing
SHOGH BULLETIN & ALTAR FLOWERS Parishioners, who would like to sponsor Shogh Bulletin and the Altar flowers in memory or in honour of their loved ones on a special occasion, please contact the church office at 416-431-3001 or info@TorontoArmenianChurch.com You are welcome to register your name & contact info on the calendar stand located at Church lobby. 13
ՍԲ. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԲԱՐԵՒ ԿԵԴՐՈՆԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ԿԻՐԱԿԻ Ս. Պատարագ – Իւրաքանչիւր Կիրակի առաւօտ 9:30 ժամերգութիւն եւ Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 10:30 Սուրբ Պատարագ 12:00 Հոգեհանգիստ 10:30 - 13:00 «Մարիօ Կիւմուշճեան» Հոգեւոր Գրադարան 10:30 - 12:30 Կիրակնօրեայ Վարժարան (3-14 տարեկաններու համար) ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ Երեկոյան ժամը 8:00-ին՝ Աստուածաշունչի Սերտողութիւն (Անգլերէն) 19:00 - 20:00 «Սասուն» պարախումբի կրտսերներու փորձ 20:00 - 22:00 «Սասուն» պարախումբի աւագներու փորձ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ 10:30 - Առաւօտեան Ժամերգութիւն, Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 11:00 Աստուածաշունչի Սերտողութիւն (Հայերէն) ՈՒՐԲԱԹ 19: 30 -ին Ժամերգութիւն եւ Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 20:00 -ին Զրոյց Քահանայի հետ 20:00 - 22:30 Ընտանեկան Երեկոյ (Potluck, խաղեր, երաժշտութիւն) 19:00 - 20:00 «Սասուն» պարախումբի կրտսերներու փորձ 20:00 – 22:00 «Սասուն» պարախումբի աւագներու փորձ ՇԱԲԱԹ 9:30-13:30 - Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարան 13:30-14:30 – Արտադասարանային ծրագիր (գծագրութիւն, մարզանք, պար, ճատրակ) Վայր՝ 25 Forest Manor Rd, North York. 14
HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH AND BAREV CENTRE’S WEEKLY SCHEDULE OF ACTIVITIES SUNDAY Divine Liturgy – Every Sunday 9:30 am Morning Service & Prayer for the sick 10:30 am Divine Liturgy 12:00 pm Requiem Service 10:30 am to 12:30 pm “Mario Gumushdjian” Christian Library 10:30 am to 12:30 pm Sunday School for 3 to 14 years old children TUESDAY 8 pm to 9:30 pm Bible Study in English 7:00 pm to 8:00 pm “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Juniors) 8:00 pm to 10:00 pm “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Seniors) THURSDAY 10:30 am - Morning Service & Prayer for the Sick 11:00 am - Bible Study in Armenian FRIDAY 7:30 to 8:00 pm 8:00 to 9:00 pm 8:00 to 10:30 pm 7:00 to 8:00 pm 8:00 to 10:00 pm
Evening Vesper & Prayer for the Sick Conversation with Clergy Family Gatherings (Potluck, games, music & more) “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Juniors) “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Seniors)
SATURDAY 9:30 am to 1:30 pm - St. Sahag and St. Mesrob Armenian Saturday School 1:30 pm to 2:30 pm - After school programs (Arts, Sports, Dance, Chess) Location: 25 Forest Manor Rd, Toronto www.armenianschool.ca
15
16
17
ԶՐՈՅՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՀԵՏ Ամէն Ուրբաթ Ժամերգութիւն եւ Բժշկութեան Աղօթք ժամը՝ 7:30-ին Հանդիպում-Զրոյց Քահանայի հետ ժամը՝ 8:00-ին
Փետրուար ամսուայ նիւթը՝
«ՊԱՀՔԸ» Զրոյցները պիտի վարեն՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալները ներկայ գտնուելու այս հոգեպարարար արարողութեան եւ մասնակցելու այս խիստ շահեկան զրոյցներուն, ուր պիտի ներկայացուին ու քննարկուին մեզ յուզող նիւթեր քրիստոնէական տեսանկիւն է:
18
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հովիւի Օգնականն ու Ծխական Խորհուրդը կը շնորհաւորեն Քրօֆըրտ, Սեմերճեան, Փերէս եւ Ավետիսյան ընտանիքները, իրենց զաւակներու
ՄԱՅԱ ՓԵՐԷՍԻ ՄԱՐԻԱ ԵՒ ԼԻՈՆԱ ԱՎԵՏԻՍՅԵԱՆՆԵՐՈՒ Ս. Մկրտութեան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ 25 եւ 26 Յունուար, 2020-ին
CONGRATULATIONS The Pastor, Pastor’s Assistant and the Parish Council of the Holy Trinity Armenian Church congratulate and extend their best wishes to Peres and Avedissyan families on the occasion of their children
MAYA PERES, MARIA & LIONA AVETISYAN’S Baptisms that took place on January 25 & 26, 2020
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հովիւի Օգնականն ու Ծխական Խորհուրդը խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնեն ննջեցեալներ՝
ԿԱՐԱՊԵՏ ՔՕԼՈՒՔԸՍԱՅԵԱՆԻ ընտանիքներուն եւ հարազատներուն
CONDOLENCES The Pastor, Pastor’s Assistant and the Parish Council of the Holy Trinity Armenian Church extend their condolences to family members and ask faithful parishioners to pray for the departed soul of
THE LATE KARABET KOLUKISAYAN
19
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 20