ՄԱՅԻՍ 23 MAY, 2021 – No. 92
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԳԻՐՔԷՆ 2.1-21 ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 14.25-31
ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Ժամը 9։30-ին ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝ ԱՐԺ. Տ. ԶԱՐԵՀ Ա. ՔՀՆՅ. ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ Փոխառաջնորդ Եւ Հոգեւոր Հովիւ
֎ PENTECOST SYNAXIS READINGS ACTS 2.1-21 JOHN 14.25-31
MORNING SERVICE at 9:30 am DIVINE LITURGY at 10:30 am Celebrated by: REV. ARCHPRIEST FR. ZAREH ZARGARIAN Vicar and Parish Priest
You are welcome to follow the live-stream of the Sermon On Sunday, May 23, 2021 starting 10:30 AM Facebook/TorontoArmenianChurch
2
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԳԻՐՔԷՆ 2.1-21 Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ մէկ տեղ էին: Յանկարծ շառաչ մը եղաւ երկինքէն՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս, ու լեցուց ամբողջ տունը՝ ուր նստած էին: Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ, ու հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ: Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար: Երուսաղէմ բնակող Հրեաներ կային, բարեպաշտ մարդիկ՝ երկինքի տակ եղած ամէն ազգէ: Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը համախմբուեցաւ ու շփոթեցաւ, որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին իրենցմէ իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով: Բոլորն ալ զմայլած էին եւ կը զարմանային՝ իրարու ըսելով. «Ահա՛ ասոնք բոլորն ալ՝ որ կը խօսին, միթէ Գալիլեացի չե՞ն: Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք՝ մեր իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով, այն երկրին՝ որուն մէջ ծնած ենք. Պարթեւներ, Մարեր ու Եղամացիներ, եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետքի, Հրէաստանի, Կապադովկիայի, Պոնտոսի, Ասիայի, Փռիւգիայի, Պամփիւլիայի ու Եգիպտոսի մէջ, եւ Կիւրենէի մօտ՝ Լիպիայի կողմերը, նաեւ Հռոմէն գաղթած Հրեաներ ու նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբներ, կը լսենք թէ անոնք կը խօսին Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին՝ մե՛ր լեզուներով»: Բոլորն ալ զմայլած էին, ու տարակուսած՝ կ՚ըսէին իրարու. «Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ասիկա»: Ոմանք ալ ծաղրելով կ՚ըսէին. «Անոնք լի են անոյշ գինիով»: Բայց Պետրոս կանգնեցաւ տասնմէկին հետ, բարձրացուց ձայնը եւ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ Հրէաստանցիներ, ու դուք բոլորդ՝ որ կը բնակիք Երուսաղէմ, սա՛ գիտցէ՛ք եւ մտի՛կ ըրէք իմ խօսքերս. որովհետեւ ասոնք ո՛չ թէ արբեցած են՝ ինչպէս դուք կ՚են3
թադրէք, քանի դեռ օրուան երրորդ ժամն՝՝ է, հապա ասիկա ա՛յն է՝ որ ըսուեցաւ Յովէլ մարգարէին միջոցով. “Վերջին օրերը,- կ՚ըսէ Աստուած,- իմ Հոգիէս պիտի թափեմ ամէն մարմինի վրայ, եւ ձեր որդիներն ու աղջիկները պիտի մարգարէանան, ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն, ու ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն: Իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ ալ այդ օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ, ու պիտի մարգարէանան: Վերը՝ երկինքը՝ սքանչելիքներ ցոյց պիտի տամ, եւ վարը՝ երկիրը՝ նշաններ, արիւն, կրակ ու ծուխի մառախուղ. արեւը պիտի փոխուի խաւարի, եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջ մեծ ու երեւելի օրը չեկած: Եւ ո՛վ որ կանչէ Տէրոջ անունը՝ պիտի փրկուի”: ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 14.25-31 Այս բաները խօսեցայ ձեզի, քանի դեռ կը մնամ ձեր քով: Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա՛ պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէնը, եւ ինչ որ ըսի ձեզի՝ պիտի յիշեցնէ ձեզի: Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. ես չեմ տար ձեզի ա՛յնպէս՝ ինչպէս աշխարհը կու տայ: Ձեր սիրտը թող չվրդովի ու չերկընչի: Լսեցիք թէ ըսի ձեզի. “Ես կ՚երթամ, բայց դարձեալ պիտի գամ ձեզի”: Եթէ սիրէիք զիս, պիտի ուրախանայիք՝ որ ես կ՚երթամ Հօրը քով, որովհետեւ իմ Հայրս ինձմէ մեծ է: Եւ այժմէն՝ դեռ չեղած՝ ըսի ձեզի, որպէսզի երբ ըլլայ՝ հաւատաք: Ա՛լ շատ պիտի չխօսիմ ձեզի հետ, որովհետեւ այս աշխարհի իշխանը կու գայ. բայց ո՛չ մէկ հեղինակութիւն ունի իմ վրաս: Սակայն աշխարհը թող գիտնայ թէ ես կը սիրեմ Հայրը, եւ կ՚ընեմ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Հայրը պատուիրեց ինծի: Ոտքի՛ ելէք, երթա՛նք ասկէ»: 4
ACTS 2.1-21 When the day of Pentecost came, they were all together in one place. Suddenly a sound like the blowing of a violent wind came from heaven and filled the whole house where they were sitting. They saw what seemed to be tongues of fire that separated and came to rest on each of them. All of them were filled with the Holy Spirit and began to speak in other tongues a as the Spirit enabled them. Now there were staying in Jerusalem God-fearing Jews from every nation under heaven. When they heard this sound, a crowd came together in bewilderment, because each one heard their own language being spoken. Utterly amazed, they asked: “Aren’t all these who are speaking Galileans? Then how is it that each of us hears them in our native language? Parthians, Medes and Elamites; residents of Mesopotamia, Judea and Cappadocia, Pontus and Asia, b Phrygia and Pamphylia, Egypt and the parts of Libya near Cyrene; visitors from Rome (both Jews and converts to Judaism); Cretans and Arabs—we hear them declaring the wonders of God in our own tongues!” Amazed and perplexed, they asked one another, “What does this mean?” Some, however, made fun of them and said, “They have had too much wine.” Then Peter stood up with the Eleven, raised his voice and addressed the crowd: “Fellow Jews and all of you who live in Jerusalem, let me explain this to you; listen carefully to what I say. These people are not drunk, as you suppose. It’s only nine in the morning! No, this is what was spoken by the prophet Joel: “‘In the last days, God says, I will pour out my Spirit on all people. Your sons and daughters will prophesy, your young men will see visions, your old men will dream dreams. Even on my servants, both men and women, 5
I will pour out my Spirit in those days, and they will prophesy. I will show wonders in the heavens above and signs on the earth below, blood and fire and billows of smoke. The sun will be turned to darkness and the moon to blood before the coming of the great and glorious day of the Lord. And everyone who calls on the name of the Lord will be saved.’ JOHN 14.25-31 “All this I have spoken while still with you. But the Advocate, the Holy Spirit, whom the Father will send in my name, will teach you all things and will remind you of everything I have said to you. Peace I leave with you; my peace I give you. I do not give to you as the world gives. Do not let your hearts be troubled and do not be afraid. “You heard me say, ‘I am going away and I am coming back to you.’ If you loved me, you would be glad that I am going to the Father, for the Father is greater than I. I have told you now before it happens, so that when it does happen you will believe. I will not say much more to you, for the prince of this world is coming. He has no hold over me, but he comes so that the world may learn that I love the Father and do exactly what my Father has commanded me. “Come now; let us leave. Բայց Սուրբ Հոգիին ձեր վրայ եկած ատենը՝ զօրութիւն պիտի ստանաք, եւ ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ երկրի ծայրերը»: (Գործք 1:8) “But you will receive power when the Holy Spirit has come upon you, and you will be my witnesses in Jerusalem and in all Judea and Samaria, and to the end of the earth.”
(Acts 1:8) 6
ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ Այս Կիրակի Մայիս 23-ին Հայ Առաքելական Ս. եկեղեցին կը նշէ Հոգեգալստեան տօնը: Հոգեգալուստը հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր տօներէն է եւ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի համբարձումէն յետոյ, Ս. Երրորդութեան Երրորդ անձի`Ս. Հոգւոյ էջքն աշակերտ-
ներուն վրայ: Համբարձման օրը Յիսուս հրամայեց աշակերտներուն Երուսաղէմի մէջ սպասել մինչեւ Ս. Հոգին ընդունին (Ղուկաս ԻԴ. 49): Այդ խոստումը կատարուեցաւ Ս. Զատիկի յիսուն օրերու լրանալէն ետք, երբ Ս. Հոգին կրակէ լեզուներու տեսքով իջաւ առաքեալներու վրայ եւ անոնք լեցուեցան շնորհքներով եւ այլ լեզուներով խօսելու կարողութեամբ: Յիսուսի Յարութենէն ճիշդ յիսուն օր ետք, երբ տեղի կ՛ունենար Հրաշալի Հոգեգալուստը, հրեաները կը տօնէին Պէնտէկոստէն, որը կը յիշատակէ Սինայ Լերան վրայ՝ Աստուծմէ Մովսէս Մարգարէին տրուած պատուիրական օրէնքները ստանալու առիթը: Այս տօնն 7
ալ Զատկին հետ 35 օրուան շարժականութիւն ունի եւ Մայիս 10-էն Յունիս 13 կրնայ հանդիպիլ: Հոգեգալստեան տօնով կ'աւարտի նաեւ Ս. Յարութեան տօնախմբական շրջանը՝ Յինունքը:
FEAST OF PENTECOST This Sunday May 23, the Armenian Apostolic Church celebrates the Feast of Pentecost. Pentecost commemorates the descent of the Holy Spirit upon the Apostles on the fiftieth day following the Feast of the Glorious Resurrection of Our Lord Jesus Christ. The descent of the Holy Spirit happened on the Jewish feast of Pentecost, that commemorates the receiving of the Law from God by Moses on Mount Sinai. The event is described in the Acts of the Apostles: “When the day of the Pentecost came, all the believers were gathered together in one place. Suddenly there was a noise from the sky, which sounded like a strong wind blowing, and it filled the whole house where they were sitting. Then they saw what looked like tongues of fire which spread out and touched each person there. They were all filled with the Holy Spirit and began to talk in other languages, as the Spirit enabled them to speak. (Acts 2:1-The feast of Pentecost has a 35 days’ movability and meets for May 10 - June 13. With this feast the 50-day period of Hinounk is concluded.
ՏՕՆԵԼԻ ԱՆՈՒՆՆԵՐ- CELEBRATED NAMES Մայիս 23-ին Հոգեգալստեան տօնի առիթով տօնելի անուններն են՝ ԳԱԼՈՒՍՏ, ՄԽԻԹԱՐ, ԱՂԱՒՆԻ, ՍԻՐԱՐՓԻ
ՁԵՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ԱՊՐԻ'Ք On May 23th is the Feast Pentecost and on this occasion the following names are celebrated: KALOUSD, MKHITAR, AGHAVNI, SIRARPI
8
ԵՂԻԱԿԱՆ ՊԱՀՔ Հոգեգալստեան Կիրակիի յաջորդ օրը կը սկսի Եղիական Պահքը կամ ամառնամուտի պահքը: Ինչպէս բոլոր Եղանակային պահքերը, այս պահքը եւս կը տեւէ 5 օր՝ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, եւ կը կոչուի Եղիական, քանզի ան կը նախորդէ Եղիա մարգարէի յիշատակութեան տօնը: Հայ եկեղեցւոյ սահմանած Եղանակային պահքերն են. Եղիական կամ ամառնամուտի պահքը, Վարագա Ս. Խաչի կամ աշնանամոււտի պահքը, Սուրբ Յակոբի կամ ձմեռնամուտի պահքը եւ Մեծ Պահքի 2-րդ շաբթուայ կամ գարնանամուտի պահքը։ Թէեւ Ս. Ներսէս Շնորհալին կարգադրեց Հոգեգալստեան տօնին յաջորդող ամբողջ շաբաթը՝ ի պատիւ Հոգւոյն Սրբոյ տօնակատարել, բայց կերակուրներու պահքը չվերցուց:
EVE OF THE FAST OF ELIJAH The Monday, following the feast of Pentecost, is the first day of a weeklong fasting called the Fast of Elijah. which is one of four seasonal fasting periods of Armenian church. It is called the fast of Elijah, because it ends before the feast of Commemoration of Prophet Elijah the next Sunday. The seasonal fasts precede the beginning of each of four seasons and are as followed: Fast of Elijah before Summer, Fast of the Cross of Varak before Fall, Fast of St. James of Nisibis before Winter and the Fast of the Second week of Great Lent before Spring. Even though St. Nerses Shnorhali prolonged the Pentecost celebrations from 1 day to a week, but the fasting remained. 9
IMPORTANT ANNOUNCEMENT Dear faithful, As of Monday, April 19, 2021, according to the announcement of the Province of Ontario, the attendance inside the church will be restricted to 10 people, including priests, deacons and choir members. The Sunday Divine Liturgies and Wednesday evening prayer services will take place behind closed doors. We encourage you to follow the livestream of the services on Facebook/TorontoArmenianChurch Baptisms, weddings and funerals will continue to take place at the church with a maximum of 10 people in attendance. Please contact the Church office for an appointment prior to your visit or if you have any questions or concerns, Tel: 416-431-3001 ext. 226 or by email: info@TorontoArmenianChurch.com Thank you for your cooperation. Stay safe and healthy. Parish Council, Holy Trinity Armenian Church
ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Սիրելի հաւատացեալներ, Օնթարիոյի Կառավարութեան յայտարարութեան համաձայն, Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ, 2021-էն սկսեալ, Կիրակնօրեայ Պատարագները, Հոգեհանգստեան արարողութիւնները, ինչպէս նաեւ Չորեքշաբթի երեկոներու աղօթքները տեղի պիտի ունենան գոց դռնե-րու կարգով: Ձեզի կը քաջալերենք Եկեղեցւոյս դիմատետրի էջի միջոցավ հետեւիք արարողութիւններուն: Մկրտութիւններ, պսակներ եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններ պիտի շարունակուին կատարուիլ, սակայն ըստ սահմանւած օրէնքին, այս ընթացքին առաւելագոյնը 10 հոգի կրնայ ներկայ գտնուիլ եկեղեցւոյ շէնքի տարածքին մէջ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք կապ հաստատել եկեղեցւոյս գրասենեակին հետ`416 431 3001 Ext 226 կամ ե-նամա-կով՝ info@TorontoArmenianChurch.com Առողջութեան եւ խաղաղութեան բարի մաղթանքներով, Սբ. Երրորդութիւն Հայց Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդ 10
Requested by Mrs. Calabrina Boyajian and son Sarmen Drs. Armen & Talar Parajian and son Arto Mr. Garen Boyajian & Dr. Georgia Christodoulou Mr. & Mrs. Nicolas & Shoushan Fathallah Mr. & Mrs. Sebu & Armine Boyajian and their families In Memory of Their beloved Husband, Father, Brother and Uncle
THE LATE ARA BOYAJIAN On 40th Day of his passing
Requested by Mrs. Manooshab Narsis Vartan, Nushik and Sona Narsis Edward Nicholas Kyrzakos Sarine Katherine Kyrzakos and Isabel Samia Kyrzakos
In Memory of Their beloved Husband, Father, Father-in-law, Grandfather THE LATE NOBAR NARSIS On 40th Day of his passing
11
Requested by Vera Gevikoglu and daughters, Jeanette and Natasha, Rena Stylianou, Yolanda and Graham Hayes
In Memory of Grandparents, Parents, Aunt and Great Aunt THE LATE MASSIS AND ARAXIE HOVIVIAN CHRISTOFOROS AND HASMIG STYLIANOU SIRVART STYLIANOU
Requested by Children & Grandchildren
In Memory of THE LATE GARBIS & GULKIZ BOYACI
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Շնորհակալութիւն ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։ Եթէ կը նախընտրէք ձեր անունը չյիշել կատարած նուիրատուութեան համար, կը խնդրենք նախօրօք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ
APPRECIATIONS We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration.
Tel: 416 431 3001 | info@TorontoArmenianChurch.com 12
LIST OF DONATIONS TO HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH MAY 15 - 21, 2021
General Donation Ms Anahid Mamourian $500 Ms Vartoohi Keshish-Avanesian $100 Mr. Vartkes Rubenyan $50 Mr. Hacik Istanbul $50 Mr. Aram Isnar $30 Mr. Aleksey Asiryan $20 Mr. & Mrs. Vegmir & Rimma Khachatourian $20
Membership 2021 Mrs. Tili Isnar $70 Mr. Ara Hagopian $70 Mrs. Astra Hagopian $70 Mr. Avedis Moushian $70 Mrs. Ardemis Moushian $70 Ms Ayda Sorhuncu $70
In Memory of Departed Souls of Hovivian, Stylianou Families Mrs. Vera Gevikoglu $150
The Late Haik Khodaverdi - Mrs. Janet Yeremian $150 Late Aznive Kuiumjian Mr. & Mrs. Ara & Astra Hagopian $50 Mr. & Mrs. Alexan & Nora Baltayan $50 The Late Vartan Aynaciyan - Dr. Hasmig Aynaciyan and Family $100
Late Nanajan Baghramian - Mrs. Maria Celikoz $40 Humanitarian Fund: - Anonymous Donor $1000 USD
13
Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝
ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԸՆՏԱՆԻՔ ՄԸ ԻՐԵՆՑ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒ
ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ ****
This Sunday’s Altar Flowers are sponsored by A FAMILY FROM THE PARISH
IN HONOUR OF THEIR CHILDREN’S BIRTHDAYS Provided by
Ann’s Flowers
14
15
16
ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԺԱՄՈՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆ (ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ) Եւ ԶՐՈՅՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՀԵՏ Սիրելի հաւատացեալներ, ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ «ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԺԱՄՈՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆ»-ը ուղիղ պիտի սփրուի եկեղեցւոյ Facebook-ի էջէն live stream-ի միջոցաւ ամէն Չոդեքշաբթի երեկոյեան ժամը՝ 7:00-ին: Իսկ «ԶՐՈՅՑ ՔԱՀՆԱՅԻ ՀԵՏ» հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ամէն Չոդեքշաբթի երեկոյեան ժամը՝ 8-ին Zoom ծրագիրի միջոցաւ: Իսկ մեզի նոր միացողներուն համար. կարեւոր է Zoom-ի ծրագիրը ունենալ իրենց Device-ին վրայ, ապա հետեւեալ Link-ով միանալ հանդիպման (Meeting ID: 893 7532 3140 / Passcode: 332790): Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ միանալու այս խիստ շահեկան զրոյցներուն, ուր պիտի ներկայացուին եւ քննարկուին մեզ յուզող նիւթեր քրիստոնէական տեսանկիւնէ:
PRAYERS FOR HEALING & CONVERSATION WITH THE PRIEST Dear faithful, we kindly inform you that from now, on every Wednesday evening at 7:00 pm, you can join the "PRAYERS FOR HEALING", church's Facebook page via live stream. And the "CONVERSATION WITH THE PRIEST" (on every Wednesday at 8:00 pm) through Zoom meetings. It is important to have the Zoom app on your computer or phone, then join us via the following link (Meeting ID: 893 7532 3140 / Passcode: 332790). We kindly invite you to join these greatly beneficial conversations, where will be presented and discussed topics of concern to us from a Christian perspective. 17
18
Շնորհակալութի՛ւն Քեզի, Հա՜յր ամենակալ, որ սուրբ Եկեղեցիդ մեզի պատրաստեցիր իբրեւ նաւահանգիստ, սուրբ տաճար մը, ուր սուրբ Երրորդութիւնդ կը փառաբանուի: Ալէլուիա: Շնորհակալութի՛ւն Քեզի, Քրիստո՛ս Թագաւոր որ մեզի կեանք պարգեւեցիր սուրբ եւ կենարար Մարմինովդ եւ Արիւնովդ: Քու առատ ողորմութիւնդ եւ քաւութիւնդ շնորհէ մեզի: Ալէլուիա: Շնորհակալութի՛ւն Քեզի, ճշմարի՛տ Հոգի որ սուրբ Եկեղեցին նորոգեցիր: Երրորդութեանդ հաւատքով զայն անարա՛տ պահէ այժմէն մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: *** Տէր Աստուած մեր, դուն խաղաղութեամբ պահէ մեզ այս գիշեր եւ ամէն ժամանակ: Քու սուրբ երկիւղիդ մէջ բեւերուած պահէ մեր միտքն ու խորհուրդները, որպէսզի միշտ քեզմով պահպանուած ըլլանք թշնամիին որոգայթներէն, եւ օրհնաբանենք ու փառաբանենք քեզ՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի: Խաղաղութեան հրեշտակին յանձնէ մեր հոգիները, ո՜վ տիեզերքի Տէր, որպէսզի գայ եւ մեզ անխռով պահէ գիշեր ու ցերեկ, արթուն ըլլանք թէ հանգիստի մէջ, որովհետեւ դո՛ւն ես արարիչը լոյսին եւ հաստատողը գիշերին: Եւ հիմա՝ կ’աղաչենք քեզի, ո՜վ Տէր, մեր Աստուածը, շնորհէ՝ որ այս գիշերը հանգիստ ու խաղաղ անցընենք, եւ հասնինք առաւօտեան պաշտամունքին, երկրպագելու եւ փառաբանելու համար ամենասուրբ Երրորդութիւնդ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: 19
To take home one of these beautiful prayer boxes, we ask for a minimum $20 per box donation, proceeds of which will be allocated to the operating expenses of the Holy Trinity Armenian Church. A tax-deductible receipt will be issued for amounts donated in excess of $20 per box. 20
21
22
23
24
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 25