ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻ Ի ԹՈՐՈՆԹՕ
ԿԱՐԳ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔԻ ԸՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
1
Ի ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՀՐԱՄԱՆԱՒ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ԱԲԳԱՐ ԵՊՍ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆԻ
2
ԿԱՐԳ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔԻ
3
ԿԱՐԳ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔԻ Հանդիսադիրը. Օրհնեալ Տէր ﬔր Յիսուս Քրիստոս. ամէն: Հայր մեր որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո: Եկեսցէ արքայութիւն քո. եղիցին կամք քո որպէս յերկինս եւ յերկրի: Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր: Եւ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց: Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա զմեզ ի չարէն: Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս. ամէն: Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք ընկալ կեցո եւ ողորﬔա: Հանդիսադիրը. Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժըմ եւ ﬕշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն: Դպիրներ. ՇԱՐԱԿԱՆ ԴՁ ԱՄԵՆԱԶՕՐ ԱՍՏՈՒԱԾ Ամենազօր Աստուած եւ թագաւոր յաւիտենից, որ հաստատեցեր ի Հայաստան աշխարհի զՀանրապետութիւն Հայոց, ի կառավարել եւ ի պահպանել զքո ժողովուրդ. Պահեա զսա անսասան եւ անպարտելի: Աղբիւր կենաց եւ պարգեւիչ խաղաղութեան եւ զօրացուցիչ քոյոց ծառայից, պարգեւեա կեանս խաղաղականս Հանրապետութեանս մերոյ եւ զօրացո ի թշնամեաց պատերազմի ի փառս անուանդ, եւ ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ քում սրբոյ. յորում փառաւորի անդադար Տէրութիւնդ քո: 4
Թագաւոր երկնաւոր, զեկեղեցի քո անշարժ պահեա. եւ զերկրպագուս անուանդ քում պահեա ի խաղաղութեան: Քահանայ. Ալէլուիա, Ալէլուիա. Ողորմութիւն եւ ճշմարտութիւն պատահեսցին, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն համբուրեսցին: ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին նամակէն (2. 13-18) Ուստի հպատակեցէ՛ք ամէն մարդկային հաստատութեան՝ Տիրոջ համար. ըլլա՛յ թագաւորին՝ որպէս բարձրագոյնին, ըլլա՛յ կառավարիչներուն՝ որպէս անոր կողմէն ղըրկւածներու, վրէժ առնելու չարագործներէն եւ գովելու բարեգործները: Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է որ պապանձեցնէք անմիտ մարդոց անգիտութիւնը՝ բարիք գործելով, ըլլալով ազատ բայց գործածելով ձեր ազատութիւնը ո՛չ թէ որպէս չարամտութեան ծածկոց, հապա՝ իբր Աստուծոյ ծառաներ: Պատուեցէ՛ք բոլորը. սիրեցէ՛ք եղբայրները. վախցէ՛ք Աստուծմէ. պատուեցէ՛ք թագաւորը: Ծառանե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր տէրերուն ամբողջ երկիւղածութեամբ. ո՛չ միայն բարիներուն եւ ազնիւներուն, այլ նաեւ կամակորներուն: ԱՒԵՏԱՐԱՆ Դպիրներ. Ալէլուիա, Ալէլուիա. Սիրեաց Տէր զՍիոն եւ բնակիլ ի նմա, ասէ, այս է հանգիստ իմ յաւիտեանս յաւիտենից. ի սմա բնակեցայց, զի հաճեցա ընդ սա: Սարկաւագ. Ալէլուիա, Օրթի Քահանայ. Խաղաղութիւն աﬔնեցուն 5
Դպիրներ. Եւ ընդ հոգւոյդ քում Սարկաւագ. Երկիւղածութեամբ լուարուք Քահանայ. Սրբոյ Աւետարանիս Յիսուսի Քրիստոսի՝ որ ըստ Մատթէոսի (22. 15-22) Դպիրներ. Փառք քեզ, Տէր Աստուած ﬔր Սարկաւագ. Պռոսխումէ Դպիրներ. Ասէ Աստուած Քահանայ. Տէրն ﬔր Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. Այն ատեն Փարիսեցիները գացին խորհրդակցելու, թէ ի՛նչպէս խօսքով ձգեն զայն ծուղակի մէջ: Ու ղրկեցին անոր իրենց աշակերտները՝ Հերովդէսեաններուն հետ, եւ ըսին. «Վարդապե՛տ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես ու ճշմարտութեամբ կը սորվեցնես Աստուծոյ ճամբան, եւ հոգ չես ըներ ոեւէ մէկուն համար, քանի որ երեսպաշտութիւն չես ըներ մարդոց: Ուստի ըսէ՛ մեզի, ի՞նչ է քու կարծիքդ. “Արտօնւա՞ծ է տուրք տալ կայսրին՝ թէ ոչ”»: Յիսուս՝ գիտնալով անոնց չարամտութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ կը փորձէք զիս, կեղծաւորնե՛ր: Ցո՛յց տուէք ինծի տուրքին դրամը»: Անոնք դահեկան մը բերին իրեն: Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գրութիւնը»: Ըսին անոր. «Կայսրի՛ն»: Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն ինչ որ կայսրինն է՝ տուէ՛ք կայսրին, եւ ինչ որ Աստուծոյ է՝ Աստուծո՛յ»: Երբ լսեցին՝ զարմացան, ու թողուցին զայն եւ գացին: ՔԱՐՈԶ (ձայնով) Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք: 6
Դպիրներ. Տէր ողորﬔա: Սարկաւագ. Վասն ի վերուստ խաղաղութեան աշխարհիս եւ անսասանութեան Հանրապետութեան ﬔրոյ, զՏէր աղաչեսցուք: Դպիրներ. Տէր ողորﬔա: Սարկաւագ. Վասն Հայրապետին ﬔրոյ Տեառն Տեառն (այս անուն) Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի կենաց եւ փրկութեան հոգւոյ նորին զՏէր աղաչեսցուք: Դպիրներ. Տէր ողորﬔա: Սարկաւագ. Վասն վարդապետաց, քահանայից, սարկաւագաց, դըպրաց եւ աﬔնայն ուխտի մանկանց եկեղեցւոյ, զՏէր աղաչեսցուք: Դպիրներ. Տէր ողորﬔա: Սարկաւագ. Վասն նախարարաց, զօրավարաց, զօրաց եւ համայն բարեպաշտ ժողովրդեանն Ազգիս Մերոյ, զՏէր աղաչեսցուք: Դպիրներ. Տէր ողորﬔա: Սարկաւագ. Վասն հոգւոցն հանգուցելոց, որք ճշմարիտ եւ ուղիղ հաւատով ի Քրիստոս ննջեցին, զՏէր աղաչեսցուք: 7
Դպիրներ. Յիշեա Տէր եւ ողորﬔա: Սարկաւագ. Զանձինս մեր եւ զմիմեանս Տեառն Աստուծոյ ամենակալին յանձն արասցուք: Դպիրներ. Քեզ՝ Տեառնդ, յանձն եղիցուք: Սարկաւագ. Ողորﬔաց ﬔզ Տէր Աստուած ﬔր ըստ ﬔծի ողորմութեան քում, ասասցուք աﬔնեքեան ﬕաբանութեամբ: Դպիրներ. Տէր ողորﬔա, Տէր ողորﬔա, Տէր ողորﬔա: Հանդիսադիրը. ԱՂՕԹՔ Կը Գոհանանք Քեզմէ Տէր Աստուած մեր, որ երկինքէն Արարատեան դաշտը իջար եւ Հայոց ազգին հաւատքի վէմին վրայ Քու Եկեղեցիդ հիմնեցիր, եւ անոր հովուապետեր, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ հովիւներ կարգեցեր Քու հօտիդ հաստատութեան համար: Որ եւ այժմ, ցոյց տալով Քու մեծ ողորմութիւնդ, հայոց ազգին այցելեցիր եւ Հայաստան աշխարհի մէջ Հայոց Հանրապետութիւնը հաստատեցեր: Որուն համար Քու մեծ բարերարութեանդ ﬔծաձայն գոհաբանութեամբ փառք, գոհութիւն եւ երկրպագութիւն կը վերառաքենք` Հօր եւ Որդիին եւ սուրբ Հոգիին, ամէն ժամանակ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Խաղաղութիւն աﬔնեցուն, Աստուծոյ երկիրպագեսցուք: Եւ արդ` ﬔնք բոլորս խոնարհելով կ՚երկրպագենք Քեզի, 8
Տէր Աստուած ﬔր, եւ Քու աﬔնառատ ողորմութենդ կը հայցենք, որ Հայաստան աշխարհի հանրապետութիւնը խաղաղութեան մէջ, բարօր եւ անսասան պահես եւ պահպանես: Օրհնէ Տէր անոր բոլոր հաւատարիմ եւ նուիրեալ պաշտօնեաները` նախագահը, խորհրդարարնը, նախարարները, զօրապետերը եւ բոլոր զինուորները: Օրհնէ բոլոր անոնց, որոնք Հանրապետութեան իշխանութեան ներքեւ կ՚ապրին` եկեղեցականներն ու աշխարհականները, ﬔծերն ու փոքրերը, այրերն ու կիները, եւ բոլոր հաւատացեալները Քու Աջիդ հովանիին ներքեւ: Որուն հովանաւորութեամբ, խաղաղութեան մէջ մնալով` կը փառաւորենք Հայրը եւ Որդին եւ Սուրբ Հոգին, այժմ եւ ﬕշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն: ԱՆԴԱՍՏԱՆ Դպիրներ. Ամէն: Ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա: Հանդիսադիրը. Օրհնեսցի եւ պահպանեսցի եւ նախախնաﬔալ պահեսցի Հանրապետութիւն Հայոց այս նշանաւ սուրբ Խաչիւս եւ սուրբ Աւետարանաւս եւ աւուրս շնորհիւ, անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Այժմ եւ ﬕշտ եւ յաւիտենաս յաւիտենից: (կրկնել 3 անգամ) Հանդիսադիրը. Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն: Սարկաւագ. ՔԱՐՈԶ Սուրբ Խաչիւս աղաչեսցուք զՏէր, զի սովաւ փրկեսցէ զﬔզ ի ﬔղաց եւ կեցուսցէ շնորհիւ ողորմութեան Իւրոյ. աﬔնակալ Տէր Աստուած ﬔր կեցո եւ ողորﬔա: 9
Հանդիսադիրը. ԱՂՕԹՔ Պահպանիչ եւ յոյս հաւատացելոց Քրիստոս Աստուած ﬔր, պահեա պահպանեա եւ օրհնեա զհանրապետութիւնն Հայաստան աշխարհիս, զազգս Հայոց, զեկեղեցիս Հայաստանեայց. ընդ հովանեաւ սուրբ եւ պատուական Խաչիւդ Քով ի խաղաղութեան. փրկեա եւ ազատեա յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամւոյն, արժանաւորեա գոհութեամբ փառաւորել զՔեզ ընդ Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյն. այժմ եւ ﬕշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն: Օրհնեալ Տէր ﬔր Յիսուս Քրիստոս. ամէն: Հայր մեր որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո: Եկեսցէ արքայութիւն քո. եղիցին կամք քո որպէս յերկինս եւ յերկրի: Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր: Եւ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց: Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա զմեզ ի չարէն: Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս. ամէն: Օրհնեալք եղերուք ի շնորհաց սուրբ Հոգւոյն, երթայք ի խաղաղութիւն եւ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս եղեցի ընդ ձեզ ընդ ամենեսեան. ամէն:
10
11
920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com
12