ՅՈՒԼԻՍ 25 JULY, 2021 – No. 101
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
ԵՐՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 5.1-10 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔ. ԿՈՐՆԹԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐԱԾ 1-ԻՆ ՆԱՄԱԿԷՆ 6.18-7.11 ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 19.3-12
Առաւօտեան Ժամերգութիւն Ժամը 9։30-Ին Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝ ԱՐԺ. Տ. ԶԱՐԵՀ Ա. ՔՀՆՅ. ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ Փոխառաջնորդ Եւ Հոգեւոր Հովիւ
֎ THIRD SUNDAY OF TRANSFIGURATION SYNAXIS READINGS ISA. 5.1-10 1 COR. 6.18-7.11 MATT 19.3-12
Morning Service at 9:30 am Divine Liturgy at 10:30 am Celebrated by: REV. ARCHPRIEST FR. ZAREH ZARGARIAN Vicar and Parish Priest
You are welcome to follow the live-stream of the Sermon On Sunday, July 25, 2021 starting 10:30 AM Facebook/TorontoArmenianChurch
2
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔ. ԿՈՐՆԹԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐԱԾ 1-ԻՆ ՆԱՄԱԿԷՆ 6.18-7.11 Նոյնիսկ դո՛ւք կ՚անիրաւէք ու կը զրկէք, այն ալ՝ եղբայրներո՛ւն. չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Մի՛ մոլորիք. ո՛չ պոռնկողները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ արբեցողները, ո՛չ հեգնողները, ո՛չ ալ յափշտակողները պիտի ժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսիներ էին. բայց լուացուեցաք, բայց սրբացաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսի անունով ու մեր Աստուծոյն Հոգիով: Ամէն բան ինծի արտօնուած է, բայց ամէն բան օգտակար չէ: Ամէն բան ինծի արտօնուած է, բայց ես ո՛չ մէկուն իշխանութեան տակ պիտի ըլլամ: Կերակուրները փորին համար են, փորն ալ՝ կերակուրներուն. բայց Աստուած ասիկա՛ ալ, անո՛նք ալ պիտի ոչնչացնէ: Իսկ մարմինը պոռնկութեան համար չէ, հապա՝ Տէրոջ, ու Տէրը՝ մարմինին համար: Եւ Աստուած՝ որ յարուցանեց Տէրը, պիտի յարուցանէ նաեւ մե՛զ՝ իր զօրութեամբ: Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են: Ուրեմն Քրիստոսի անդամները առնելով պոռնիկի անդամնե՞ր ընեմ: Ամե՛նեւին: Չէ՞ք գիտեր թէ ա՛ն որ պոռնիկի կը միանայ, անոր հետ մէկ մարմին կ՚ըլլայ. քանի որ Գիրքը կ՚ըսէ. «Երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին»: Իսկ ա՛ն որ Տէրոջ կը միանայ, անոր հետ մէկ հոգի կ՚ըլլայ: Փախէ՛ք պոռնկութենէն: Ամէն մեղք՝ որ մարդ կը գործէ, իր մարմինէն դուրս է. բայց ա՛ն որ կը պոռնկի, կը մեղանչէ իր մարմինի՛ն դէմ: Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինը տաճարն է Սուրբ Հոգիին՝ որ ձեր մէջն է. զայն Աստուծմէ ստացաք, եւ դուք ձեզի չէք պատկանիր, քանի որ մեծ գինով մը գնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմինին ու ձեր հոգիին մէջ, որոնք կը պատկանին Աստուծոյ: Ուրեմն, ինչ կը վերաբերի այն բաներուն՝ որոնց մասին գրեցիք ինծի, լաւ է մարդուն համար՝ որ կնոջ չմերձենայ: Բայց պոռնկութենէն խուսափելու համար՝ իւրաքանչիւրը թող ունենայ իր կինը, եւ ամէն կին թող ունենայ իր ամուսինը: Ամուսինը թող հատուցանէ կնոջ ինչ որ կը պարտի, նմանապէս կինն ալ՝ իր ամուսինին: Կինը 3
իշխանութիւն չունի իր մարմինին վրայ, հապա՝ ամուսինը. նմանապէս ամուսինն ալ իշխանութիւն չունի իր մարմինին վրայ, հապա՝ կինը: Մի՛ զրկէք զիրար, բայց միայն համաձայնութեամբ՝ ատենի մը համար, որ դուք ձեզ աղօթքի յատկացնէք ու դարձեալ գաք իրարու քով, որպէսզի Սատանան չփորձէ ձեզ՝ ձեր անժուժկալութեան համար: Ասիկա կ՚ըսեմ՝ արտօնելով, ո՛չ թէ հրամայելով: Որովհետեւ կ՚ուզէի որ բոլոր մարդիկ ըլլային ինծի պէս. բայց իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ շնորհը Աստուծմէ, մէկը՝ այսպէս, իսկ միւսը՝ այնպէս: Ուստի կ՚ըսեմ ամուրիներուն եւ այրիներուն. «Լաւ կ՚ը լլայ անոնց համար՝ եթէ մնան ինծի պէս»: Բայց եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան. որովհետեւ աւելի լաւ է ամուսնանալ՝ քան բորբոքիլ: Իսկ ամուսնացածներուն կը հրամայեմ, ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը. «Կինը թող չզատուի իր ամուսինէն, (իսկ եթէ զատուի ալ՝ թող մնայ անամուսին, կամ հաշտուի իր ամուսինին հետ,) եւ ամուսինը թող չձգէ իր կինը»: ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 19.3-12 Փարիսեցիները մօտեցան անոր եւ փորձեցին զայն՝ ըսելով. «Արտօնուա՞ծ է, որ մարդ մը արձակէ իր կինը՝ որեւէ պատճառի համար»: Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ա՛ն՝ որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու ըսաւ. “Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին”: Հետեւաբար ա՛լ երկու չեն, հապա՝ մէկ մարմին. ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է»: Ըսին իրեն. «Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց ամուսնալուծումի վկայագիր տալ եւ արձակել»: Ըսաւ անոնց. «Մովսէս ձեր սիրտին կարծրութեա՛ն համար արտօնեց ձեզի՝ որ արձակէք ձեր կիները. բայց սկիզբէն այնպէս չէր: Սակայն կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կ՚արձակէ իր կինը՝ առանց պոռնկութեան պատճառի, ու կ՚ամուսնանայ ուրիշի մը հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ: Եւ ո՛վ որ արձակուածին հետ կ՚ամուսնանայ՝ շնութիւն կ՚ընէ”»: Իր աշակերտները ըսին իրեն. «Եթէ ա՛յդ է պարագան մարդուն եւ իր կնոջ միջեւ, օգտակար չէ ամուսնանալ»: Բայց ինք ըսաւ անոնց. 4
«Բոլորը չեն ընդունիր ասիկա, հապա անոնք՝ որոնց տրուած է: Որովհետեւ կան ներքինիներ, որոնք ա՛յդպէս ծնան՝ իրենց մօր որովայնէն. կան ներքինիներ, որոնք մարդոցմէ՛ ներքինի եղան. ու կան ներքինիներ, որոնք իրենք զիրենք ներքինի ըրին՝ երկինքի թագաւորութեան համար: Ո՛վ որ կրնայ ընդունիլ՝ թող ընդունի»: 1 CORINTHIANS 6.18-7.11 For they refreshed my spirit and yours also. Such men deserve recognition. The churches in the province of Asia send you greetings. Aquila and Priscilla a greet you warmly in the Lord, and so does the church that meets at their house. All the brothers and sisters here send you greetings. Greet one another with a holy kiss. I, Paul, write this greeting in my own hand. If anyone does not love the Lord, let that person be cursed! Come, Lord ! The grace of the Lord Jesus be with you. My love to all of you in Christ Jesus. Amen. Now for the matters you wrote about: “It is good for a man not to have sexual relations with a woman.” But since sexual immorality is occurring, each man should have sexual relations with his own wife, and each woman with her own husband. The husband should fulfill his marital duty to his wife, and likewise the wife to her husband. The wife does not have authority over her own body but yields it to her husband. In the same way, the husband does not have authority over his own body but yields it to his wife. Do not deprive each other except perhaps by mutual consent and for a time, so that you may devote yourselves to prayer. Then come together again so that Satan will not tempt you because of your lack of self-control. I say this as a concession, not as a command. I wish that all of you were as I am. But each of you has your own gift from God; one has this gift, another has that. Now to the unmarried a and the widows I say: It is good for them to stay unmarried, as I do. But if they cannot control themselves, they should marry, for it is better to marry than to burn with passion. To the married I give this command (not I, but the Lord): A wife must not separate from her husband. But if she does, she must remain unmarried 5
or else be reconciled to her husband. And a husband must not divorce his wife. MATTHEW 19.3-12 Some Pharisees came to him to test him. They asked, “Is it lawful for a man to divorce his wife for any and every reason?” “Haven’t you read,” he replied, “that at the beginning the Creator ‘made them male and female,’ and said, ‘For this reason a man will leave his father and mother and be united to his wife, and the two will become one flesh’? So they are no longer two, but one flesh. Therefore, what God has joined together, let no one separate.” “Why then,” they asked, “did Moses command that a man give his wife a certificate of divorce and send her away?” Jesus replied, “Moses permitted you to divorce your wives because your hearts were hard. But it was not this way from the beginning. I tell you that anyone who divorces his wife, except for sexual immorality, and marries another woman commits adultery.” The disciples said to him, “If this is the situation between a husband and wife, it is better not to marry.” Jesus replied, “Not everyone can accept this word, but only those to whom it has been given. For there are eunuchs who were born that way, and there are eunuchs who have been made eunuchs by others— and there are those who choose to live like eunuchs for the sake of the kingdom of heaven. The one who can accept this should accept it.” Հետեւաբար, սիրելի՛ եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ եղէք, ու ամէն ատեն յառաջդիմեցէ՛ք Տէրոջ գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատանքը ընդունայն չէ Տէրոջմով:
Ա. Կորնթ. 15:58 Therefore, my dear brothers and sisters, stand firm. Let nothing move you. Always give yourselves fully to the work of the Lord, because you know that your labor in the Lord is not in vain.
1 Cor. 15:58 6
IMPORTANT ANNOUNCEMENT Dear faithful, According to the directions established by the officials at the city of Toronto, we can welcome you to attend Sunday Divine Liturgies, weddings, baptisms, funerals and all religious services, rite, or ceremonies in person. Please note everyone is required to wear masks, register their name, and contact information and follow the social distancing regulations. Please contact the Church office if you have any questions: Tel: 416-431-3001 ext. 226 or by email: info@TorontoArmenianChurch.com We look forward to seeing you soon! Parish Council, Holy Trinity Armenian Church
ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Սիրելի հաւատացեալներ Թորոնթօ քաղաքի իշխանութիւններու ցուցմունքներուն համաձայն, Կիրակնօրեայ Պատարագները, Հոգեհանգստեան արարողութիւնները, խորհրդակատարութիւնները, յուղարկաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Չորեքշաբթի երեկոներու եւ Հինգշաբթի առաւօտներու ժամերգութիւնները, տեղի պիտի ունենան հաւատացեալու ներկայութեամբ: Կը Խնդրենք նկատի ունենալ, թէ եկեղեցի մուտք գործելէ առաջ պարտաւոր էք դիմակներ կրել, գրանցել ձեր անունն ու կապի տուեալները եւ եկեղեցւոյ մէջ պահպանել իրարմէ ապահով հեռաւորութիւն պահելու կանոնները: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք կապ հաստատել եկեղեցւոյս գրասենեակին հետ` 416 431 3001 Ext 226 կամ ե-նամակով՝ info@TorontoArmenianChurch.com Ձեզ տեսնելու ուրախութեամբ` Սբ. Երրորդութիւն Հայց Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդ 7
Requested by Mr. & Mrs. Alexan and Lena Avedisian In Memory of THE LATE ARTIN SEROB SHAHINIAN on his 3rd and 7th day of passing
Requested by Elmira Mouradian Ani Mouradian Stephanie Mouradian and Hakop Mouradian In Memory of THE LATE ROBERT HOVANNISYAN (passed away in Armenia)
Requested by Mrs. Leyli Avetyan Mr. & Mrs. Tigran and Anna Grigoryan and children, Elena and Victor Grigoryan Mr. & Mrs. Kevin Stewart and Arusyak Grigoryan In Memory of Their beloved Husband, Father and Grandfather THE LATE VICTOR GRIGORYAN on 23rd anniversary of his passing 8
Requested by Lorans Nalbandian Mariam Sarkisian Alis Sarkisian In Memory of Their beloved Husband and Father THE LATE ARIS SARKISIAN
Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ Ի յիշատակ իրենց սիրեցեալ ՎԻՔՏՈՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ *** Altar Flowers are sponsored by GRIGORYAN FAMILY In loving memory of VICTOR GRIGORYAN The arrangements provided by Ann’s Flowers
9
LIST OF DONATIONS TO HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH JULY 17 - 23, 2021
Membership 2021 Ms Sonia Minassian $70
Louma Seren Daiello $100 Mr. Pedros Chinchinian $100 Ms Goharik Mirzaian $100
General Donation Anonymous $100
Box of Blessing Mr. & Mrs. Fuad Garabet $20
In Memory of The Late Kamal Garabet Mrs. Marigold Garabet $1,000 Mr. & Mrs. Fuad Garabet $500 Mr. Peter Garabet $200 Mr. Sami Garabetian $150 Mr. Alex Lau $130
The Late Aris Sianos Sarkisian Sarkissian Family $100
The Late Aram, Makrouhi, Hermine Kababjian Kababjian Family $30
APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416-431-3001 info@TorontoArmenianChurch.com 10
We invite you to join us at
Barev Café on Saturdays from 6 to 11 pm Enjoy snacks, beverages, games and have a great time with family and friends! 920 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5 Follow us on social media @barevyouth
11
12
13
14
15
Որդի՛ Աստուծոյ, այս նեղութեան ցաւերուն մէջ տոկալու զօրութիւն տուր եւ ողորմէ՛ մեզի, ինչպէս ողորմեցար խաչելութեան ատեն քեզի խաչակից աւազակին: Շնո՛րհք տուր մեզի՝ որ համբերենք այս դառն տանջանքներուն, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք պահելու մեր լուսաւոր հաւատքին աւանդութիւնը, որ մեզի տուիր՝ որպէսզի ճանչնանք եւ կատարենք Քու կամքդ, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: *** Քու Խաչդ թող մեզի ապաւէն ըլլայ, Տէ՜ր Յիսուս, երբ Հօրը փառքով երեւիս՝ լուսաւոր ամպերու վրայ: Այն ատեն թող ամօթով չմնա՛նք մենք՝ Քեզի յուսացողներս, այլ Քու մեծ զօրութեամբդ ուրախանանք՝ Քու աջ կողմդ բազմած, իբրեւ լոյսի որդիներ եւ փրկութեան ժառանգորդներ: Ամէն:
16
To take home one of these beautiful prayer boxes, we ask for a minimum $20 per box donation, proceeds of which will be allocated to the operating expenses of the Holy Trinity Armenian Church. A tax-deductible receipt will be issued for amounts donated in excess of $20 per box. 17
18
19
20
21
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 22