Shogh Sunday Bulletin - Sep 27, 2020 Issue 58

Page 1

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 27 SEPTEMBER, 2020 – No. 58

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN


ԵՐՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆ ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԻ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ

ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ 3.18-26 ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷ 65.22-25 ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 6.14-18 ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 24.30-36 ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Ժամը 9։30-ին

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝ ԱՐԺ. Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր Հովիւի Օգնական

THIRD SUNDAY OF THE EXALTATION OF THE HOLY CROSS FAST OF THE HOLY CROSS OF VARAK SYNAXIS READINGS PROVERBS 3:18-26 ISAIAH 65:22-25 GALATIANS 6:14-18 MATTHEW 24:30-36 MORNING SERVICE at 9:30 am

DIVINE LITURGY at 10:30 am Celebrated by: REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor’s Assistant

As our Church has been reopened, we invite you to read the new code of conduct provided in this bulletin. Please check page 17 for details. Thank you in advance for your cooperation. 2


ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 6.14-18 Բայց ես ամե՛նեւին պիտի չպարծենամ, այլ միայն մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչով. անով աշխարհը խաչուած է ինծի համար, ես ալ՝ աշխարհի: Որովհետեւ Քրիստոս Յիսուսով ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ անթլփատութիւնը, հապա՝ նոր արարած ըլլալը: Խաղաղութիւն ու ողորմութիւն բոլոր անոնց վրայ՝ որ այս կանոնին համաձայն կ՚ընթանան, եւ Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ: Ասկէ ետք ո՛չ մէկը թող անհանգստացնէ զիս. որովհետեւ ես մարմինիս վրայ կը կրեմ Տէր Յիսուսի վէրքին սպիները: Եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր հոգիին հետ: Ամէն: ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 24.30-36 Եւ ա՛յն ատեն մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւնայ երկինքի մէջ: Այն ատեն երկրի բոլոր տոհմերը պիտի հեծեծեն, ու պիտի տեսնեն մարդու Որդին՝ որ կու գայ երկինքի ամպերուն վրայ, զօրութեամբ ու մեծ փառքով: Եւ ան պիտի ղրկէ իր հրեշտակները բարձրաձայն փողով, ու պիտի հաւաքեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»: «Թզենիէ՛ն սորվեցէք առակ մը. երբ անոր ոստերը կակուղնան եւ տերեւները ցցուին՝ կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է: Նո՛յնպէս դուք՝ երբ տեսնէք այս բոլոր բաները, գիտցէ՛ք թէ մօտ է՝ դռներուն քով: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլոր բաները ըլլան”: Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնա՛ւ պիտի չանցնին»: 3


«Իսկ այդ օրն ու ժամը՝ ո՛չ մէկ մարդ գիտէ, ո՛չ ալ երկինքի հրեշտակները, հապա՝ միա՛յն իմ Հայրս: GALATIANS 6:14-18 May I never boast except in the cross of our Lord Jesus Christ, through which the world has been crucified to me, and I to the world. Neither circumcision nor uncircumcision means anything; what counts is the new creation. Peace and mercy to all who follow this rule—to the Israel of God. From now on, let no one cause me trouble, for I bear on my body the marks of Jesus. The grace of our Lord Jesus Christ be with your spirit, brothers and sisters. Amen. MATTHEW 24:30-36 “Then will appear the sign of the Son of Man in heaven. And then all the peoples of the earth c will mourn when they see the Son of Man coming on the clouds of heaven, with power and great glory. And he will send his angels with a loud trumpet call, and they will gather his elect from the four winds, from one end of the heavens to the other. “Now learn this lesson from the fig tree: As soon as its twigs get tender and its leaves come out, you know that summer is near. Even so, when you see all these things, you know that it e is near, right at the door. Truly I tell you, this generation will certainly not pass away until all these things have happened. Heaven and earth will pass away, but my words will never pass away. “But about that day or hour no one knows, not even the angels in heaven, nor the Son, f but only the Father.

4


ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ - THIS SUNDAY ՏՕՆ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ Ըստ պատմիչ Ագաթանգեղոսի Հռիփսիմեանց կոյսերը փախչելով Դիոկղետիանոս կայսրի հալածանքներէն կը հասնին Հայաստան եւ կ՛ապաստանին Վաղարշապատի հնձաններուն մէջ։ Նախքան Վաղարշապատ հասնիլը, անոնք կը բնակին նաեւ՝ Վանայ Լիճէն դէպի հարաւ-արեւելք գտնուող Վարագայ լերան վրայ։ Հռիփսիմէ կոյսը` կուրծքէն կախած Տիրոջ խաչափայտի սրբազան մասունքը ապահովութեան նպատակով կը յանձնէ այնտեղ աղօթող ճգնաւորներուն, խնդրելով որ զայն պահեն քարայրներէն մէկուն մէջ։ Խաչափայտի Սուրբ մասունքը այնտեղ պահուած կը մնայ մինչեւ 7 րդ դար։ 653-ին երբ Թոդիկ ճգնաւորը իր Հովել անունով աշակերտին հետ կ՛աղօթէր Վարագայ լերան վրայ խնդրելով Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ գտնելու Ս. Խաչի պահուած վայրը, յանկարծ լուսեղէն 12 սիւներ ի յայտ կու գան լերան շուրջ, որոնց միջեւ կ՛երեւար լուսաւոր խաչը։ 12 օրեր շարունակ լուսեղէն սիւները տեսանելի կը դառնան մինչեւ հեռաւոր վայրեր, մեծ ուրախութիւն սփռելով ամէնուր։ Ներսէս շինող կաթողիկոսը եւ Թէոթորս իշխանի որդի՝ Վարդ սպարապետը երբ կը լսեն լուրը կ՛երթան Վարագայ լեռ, տեսնելու կատարուած հրաշքը։ Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդի աջակցութեամբ այնտեղ կը կառուցէ փառաւոր եկեղեցի մը, զոր կը կոչէ Սուրբ Նշան։ Այս առթիւ Ներսէս հայրապետի կողմէ գրուած «Նշանաւ Ամենայաղթ» անզուգական շարականը կ՛երգուի եկեղացական տօնական օրերուն։ Խաչի սրբազան մասունքը կը մնայ Վարագայ վանքի մէջ մինչեւ 1021 թուականը, ապա Սենեքերիմ Արծրունին զայն կը տեղափոխէ Սեփաստիա։ Մասունքը յետագային՝ 1651ին կը գերեվարուի, սակայն 1655 թուականին ան կ՛ազատագրուի ու կը զետեղուի Վանի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ , որ կը վերանուանուի ու կը կոչուի Ս. Նշան։ Մասունքը կը մնայ այնտեղ մինչեւ 1915 թուականը։ Ներսէս շինող հայրապետը կարգ կը սահմանէ, որ ամէն տարի տօնակատարուի «Վարագայ Սուրբ Տօնը»։ Տասներկու եկեղեցիներ

5


կը կառուցուին տասներկու լուսեղէն սիւներու երեւցած վայրերուն վրայ։

FEAST OF THE HOLY CROSS OF VARAK According to tradition when St. Hripsime and her companions came to Armenia to escape emperor Diocletian, she brought a relic of Holy Cross with her. Before leaving for Vagharshabad, St Hripsime hid it in the Mounts of Varak and only couple of pious monks knew its location. After her martyrdom and the death of the monks, the relic remained hidden in the secret place for nearly 300 years. In the year 653, hermit Todik of Glak began looking for the relic. Todik’s prayers to find it were answered and he was shown the location of Holy relic in a vision: he suddenly saw a wonderful light on the top of mountain Varak, surrounded by 12 luminous columns. Monks Todik and Joel followed the light and found the relic of Holy Cross resting on the Holy Altar. The Catholicos, St. Nerses III the Builder, came to Varak to witness the miracle. He ordered that each year the Sunday closest to September 28 (September 25 - October 1) be dedicated to the Holy Cross-of Varak. First the relic was placed at the Monastery of Varak and later in the church the Holy Sign and remained there until 1021, when Senekerim Ardzrouni brought the relic to Sebastia. After his death the relic is again transferred to its old place and remained there until it was taken to Khoshab in 1651. Four years later the relic is returned and placed in the Church of Holy Mother of God in Van, which later was renamed the Church of Holy Sign. The relic was preserved there till 1915. 6


Unfortunately, after the Armenian Genocide the whereabouts of the relic are unknown. ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ, Վարագայ Սուրբ խաչի մասունքը նախապէս կը պատկանէր Կլաուդիոս կայսեր կնոջը՝ Պատրոնիկէին: Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքը անոր տուած էր Երուսաղէմի առաջին Եպիսկոպոս Յակոբոս առաքեալը, երբ ինք ուխտի գացած էր Երուսաղէմ: Կայսրուհին մասունքը կը տանի Հռոմ, որը սերունդէ սերունդ փոխանցելով կը հասնի Հռիփսիմէին, քանի որ սուրբ կոյսը Կլաուդիոս կայսեր սերունդէն էր: Ս. Հռիփսիմէն անբաժան էր այդ սուրբ մասունքէն, որու վրայ թափուած էր Տէրոջ Փրկարար Արիւնը: Երբ, Դիոկղետիանոս կայսրը կամեցաւ կնութեան առնել սուրբ Հռիփսիմէն, Ս. Կոյսը հաւատարիմ մնալով իր հաւատքին, մերժեց կայսրեր առաջարկը եւ Ս. Գայիանէ մայրապետի գլխաւորութեամբ՝ եօթանասուն կոյսերու հետ միասին, փախան նախ Եգիպտոս, ապա՝ Երուսաղէմ: Հոս, Ս. Աստուածածնի գերեզմանի վրայ աղօթած ատեն ստացան աստուածային պատգամ՝ երթալու Թադէոս առաքեալի ճամբով: Հնազանդելով հրամանին՝ անոնք գացին նախ Եդեսիա, ապա շարունակեցին իրենց ճանապարհը դէպի Հայաստան՝ իրենց հետ հայոց աշխարհ բերելով Տիրոջ խաչափայտի մասունքը: DID YOU KNOW? Originally, the relic of the Holy Cross of Varak was given to Empress Petronice, the wife of Emperor Claudius. It was given to her by the first Bishop of Jerusalem St. James the Apostle. Empress took the relic of the Holy Cross to Rome, and it was passed from generation to generation. Eventually the relic St. Hripsime inherited the relic, as she belonged to the noble lineage of Emperor Claudius. When the Emperor Diocletian was determined to marry St. Hripsime, she refused him, and soon she fled Rome with St. Gayane and 70 nuns to escape prosecutions. First they went to Egypt, than to Jerusalem. Here they were praying on the Gravesite of St. Mary, asking for direction. Having received the answer to their prayers, the nuns followed the divine message. They went first to Edessa, and later continued their way to 7


Armenia, bringing with them the relic of the holy Cross to the land of Ararat. ՎԱՐԱԳԱՅ ՎԱՆՔԸ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆ Մեծ վանեցի Խրիմեան Հայրիկ, Վանայ իր առաջնորդութեան շրջանին, Վարագայ վանքին մէջ կը բանայ դպրոց, ձեռագրատուն, տըպարան ու զարկ կու տայ մշակութային եռուն գործունէութեան։ Վարագայ վանքը այնուհետեւ կը դառնայ գաւառի մշակութային կեդրոնը։ Որոշ ժամանակ մը այս դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն ըրած է նաեւ մեծ վիպասան Ռաֆֆին:

ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒՆԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՏՕՆԵՐԸ Սուրբ Խաչի երեւման, Խաչվերաց, Վարագայ Ս. Խաչի եւ Ս․ Խաչի գիւտ։ Չորս տօներէն երեքը կը նշուին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներէն ներս. իւրայատուկ է Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, որ կը նշուի միայն հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Խաչվերացի տօնէն երկու շաբաթներ ետք՝ Սեպտեմբեր 25-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1-ի միջեւ հանդիպող Կիրակի օրը։

8


ՏՕՆԵՐ- FEASTS

ՏՕՆ Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐԻ Խաչվերացի երկրորդ կիրակիին յաջորդող Շաբաթ օրը (այս տարի Սեպտեմբեր 26-2019-ին), Ս. Գէորգի յիշատակութեան օրն է: Ս. Գէորգ ծնած է Կապադովկիա, քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ: Երիտասարդ հասակէն ծառայած է հռովմէական բանակին մէջ եւ իր խիզախութեան շնորհիւ արժանացած է հազարապետի աստիճանի: Ընդդիմացած է Դիոկղետիանոս Կայսեր քրիստոնեաները հալածելու ծրագրին, որով բացայայտած է իր քրիստոնեայ ըլլալը: Կայսրը բանտարկած է Գէորգը՝ անոր ենթարկելով չարչարանքներու: Կայսրը շատ կը փորձէր համոզել Գէորգը ետ դառնալու հեթանոսական կրօնին: Իր բազում թախանձանքներուն տեղի տալով՝ Գէորգը կը համաձայնի կուռքերուն զոհ մատուցանել: Բայց հասնելով մեհեան կը ջարդէ բոլոր կուռքերը: Այս յանդուգն արարքին համար Դիոկղետիանոս կայսրը 303 թուականին գլխատել կու տայ Ս. Գէորգը: Բազմաթիւ աւանդութիւններ հիւսուած են Ս. Գէորգի մասին: Ասոնցմէ ամենածանօթը այն է, որ Գէորգը սպաննելով վիշապը ազատած է կոյս մը, եւ ասոր համար կ’ընդունուի որպէս վիշապասպան սուրբ: Անգլիացիները Սուրբ Գէորգ Զօրավարին կը համարեն իրենց պահապան սուրբը:

FEAST OF ST. GEORGE THE WARRIOR On Saturday September 26th, the Armenian Church commemorated St. George the Warrior. S. George was born and raised in a pious Christian family in Cappadocia. At the young age he served in the Roman army, and due to his courage and heroic deeds he is soon promoted to the rank of a Captain. St. George openly opposes Roman Emperor Diocletian's plans to persecute Christians, and the fact that he is Christian, is revealed. In rage and disbelief, the Emperor orders to imprison St. George and subjects him to torture. The emperor continuously tries to convince St. George to turn away from Christianity. His efforts seem to pay off, when St. George agrees to offer sacrifice to idols. But when he reached the temple St. 9


George one by one destroyed the statues of idols proving their falsehood. This as a result, in 303 Diocletian orders to behead St. George. St. George is considered to be the patron saint of England. Ս.ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՏՕՆԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. Գէորգի տօնը յատուկ շուքով կը նշուի Ս. Գէորգ անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ: Շատ եկեղեցիներու մէջ տօնակատարութիւնը կը սկըսին Շաբաթ օրուայ Երեկոյեան ժամերգութեամբ. կը կատարւի նախատօնակ, ընթերցում Ս. Գէորգի Վարքէն: Տօնի օրը բոլոր Սբ. Գէորգ եկեղեցիներէն ներս կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Յաւարտ Ս. Պատարագի կը կատարուի Մատաղի օրհնութիւն եւ հիւրասիրութիւն: Աւանդութեան համաձայն, Ս. Գէորգի տօնի օրը Էջմիածինէն Արագածոտնի մարզի Մուղնու Ս. Գէորգ Եկեղեցի կը բերուի Ս. Գէորգ զօրավարի մասունքը եւ հաւատացեալները առիթ կ'ունենան հաղորդուելու Սուրբի մասունքին: Աւանդոյթի համաձայն Ս. Գէորգի տօնի օրը Երեւանի Նորագաւիթ համայնքի բնակիչները յաւարտ Ս. Պատարագի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բակը յատուկ մատաղ կը մատուցեն: Այս տօնը կը նշանաւորուի նաեւ Նորագաւիթի խորհրդանիշը համարուող դեղձի օրհնութեամբ: Օրհնութեան համար բերքի լաւագոյն մասը կը բերուի եկեղեցի եւ օրհնուած դեղձերով կը հիւրասիրուին բոլորը: Ս. Գէորգ Զօրավարը կը համարուի նաեւ զինուորներու պահապան սուրբը, եւ այդ օրը եկեղեցի գալով հաւատացեալները յատուկ 10


կ'աղօթեն իրենց զինուորներու ապահովութեան համար եւ կը հայցեն սուրբի բարեխօսութիւնը: Արդէն աւանդոյթ դարձած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի պաշտօնական բացումը տօնել Սուրբ Գէորգի տօնին օրը: Ճեմարանը հիմնադրուած է 1874 թ. Երջանկայիշատակ Գէորգ IV կաթողիկոսի կողմէ եւ Հայաստանի մէջ գործող երեք հոգեւոր հաստատութիւններէն մին է:

27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ, ՅԱՒԱՐՏ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ,

Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐ ՏՕՆԻ ԱՌԻԹՈՎ ՍԻՐՈՎ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԵՆՔ ՆԵՐՔՈՅԻՇԵԱԼ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ԿՐՈՂ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐԸ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ: ԳԷՈՐԳ, ԳԷՒՕ, ԳԵՒԻԿ, ՃՈՐՃ, ԺՈՐԺ, ԺՈՐԺԷԹ, ԺՈՐԱ ՁԵՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ԱՊՐԻ՛Ք

*** ON SUNDAY, SEPTEMBER 27th ON THE OCCASION OF

THE FEAST OF SAINT GEORGE THE WARRIOR THE FOLLOWING NAMES ARE CELEBRATED: KEVORK, KEVO, GEVORG, KEVIG, GEORGE, JORJ, JORJET, JORA FOLLOWING THE DIVINE LITURGY INDIVIDUALS WHO CARRY THE NAMES LISTED ABOVE ARE INVITED TO RECEIVE GOD’S BLESSING.

11


Requested by Mr. & Mrs. Hrant Aminian & Silva Lazarian

In Memory of THE LATE ZABEL NASRI LAZARIAN On 7th day of her passing in Iraq

Requested by Ipekciyan and Kombiyikian Families

In Memory of THE LATE SUSAN SEWIK On 40th day of her passing

Requested by Mr. and Mrs. Michael and Nyrie Sagsoz Mr. Alain Sagsoz Ms Elizabeth Walsh Mrs. Sonia Mutevelli Mr. and Mrs. Asadur and Maida Icliates and children, Karnig and Natasha Mr. and Mrs. John and Arpi Altunian and children Andreas, Carina and Christian Mr. and Mrs. Joakim and Klemans Civilek

In Memory of The Late DIYANA MUTEVELLI (Passed away on March 27, 2020)

12


Requested by Mr. & Mrs. Nurel & Lena Beylerian and Family

In Memory of THE LATE LOUSIN BEYLERIAN On 4th anniversary of her passing and THE LATE VERY REV. KASBAR BEYLERIAN On 3rd anniversary of his passing And all departed souls of the family

Requested by Lorans Nalbandian Mariam Sarkisian and Alis Sarkisian

In Memory of THE LATE ARIS SARKISIAN, SIANOS SARKISIAN HAYKANUSH VARTAN, ADIBA SAMUEL MISAK NALBANDIAN, MUNA NALBANDIAN

A Message from Diyana Mutevelli Walsh’s Family: We would like to thank and are so deeply grateful for the outpouring of love, support, and kindness from the community during our loss. We are especially grateful to Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian for helping us with the service under such difficult circumstances due to covid-19 lockdown. We are comforted to know how much her laugher and love for life inspired so many. We cherish the memories in our hearts. 13


Donations Received Between Sep 19-25, 2020

Membership Mrs. Shogheegh Ohnaes

$70.00

In Memory of The late Marie Sorfazlian Mr. Tzevac Sorfazlian Carmen Balian

$100.00Miss $100.00

The late Davit Harutyunyan Mr. & Mrs. Samvel and Susanna Harutyunyan Mr. & Mrs. Grigor & Gayane Shahmouradyan Mr. & Mrs. Aram & Tili Isnar Mr. & Mrs. Ohan & Anita Ohanessian Mr. & Mrs. Masis & Ayda Afarian Mrs. Silvia Alexanian Mrs. Frances Kandaharian Mrs. Lena Ouzounian Dr. & Mrs. Vatche & Doris Kerametlian Mr. Johnson O'Neil Mr. Varazh Abed-Stephen Mrs. Sibil Kurkjian Mrs. Hripsik Sarkissian

$100.00 $100.00 $100.00 $100.00 $100.00 $100.00 $100.00 $100.00 $100.00 $50.00 $50.00 $50.00 $50.00

The late Mrs. Vanouhi Aslanian Mrs. Christine Semerdjian

$50.00

The late Takuhi Maranjian Mr. Garabed Arslanyan Mr. & Mrs. Sogomon & Areknaz Sakarya

$150.00 $100.00

The Late Sirun Vosgerichian Wayne & Ani Montgomery The Late Vazgen Alexanian Mrs. Marie Badalian

$350.00 $100.00 14


General Mr. Arthur Bodourian Mrs. Sudeep Paraghamian

$100.00 $100.00

Memorial Day Ms Rose Aharonian Altar Flowers

$150.00

Mr. & Mrs. Kevork & Sossi Barounian

$75.00

Louma Mrs. Lucy Garabedian Mr. Allen Atamer

$90.00 $50.00

Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԳԷՈՐԳ ԵՒ ՍՕՍԻ ՊԱՐՈՒՆԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԶՈՐԱՎԱՐԻ Տօնին առիթով Ս. Խորանի Ծաղիկներու պատրաստում՝

KEN’S Ծաղկանոց The Altar Flowers are sponsored by

KEVORK & SOSSI BAROUNIAN ON THE OCCASION OF FEAST OF ST. GEORGE Flowers provided by: KEN’S FLOWERS

APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416-431-3001 info@TorontoArmenianChurch.com 15


Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քեզի ով Տէր, մեր Աստուածը, որ քու ողորմութեամբդ մեզ առաջնորդեցիր ցերեկուան մեր գործերուն մէջ, եւ շնորհեցիր որ միասնաբար հասնինք գիշերային այս հանգիստին: Մշտապէս կ’աղաչենք, որ մեր անձերուն պահապան ըլլաս, եւ քու ողորմութեամբդ պահես եւ առաջնորդես մեզ քու բարի հանգիստիդ, որ քեզ սիրողներուն տալ խոստացար: Քեզի կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: Քրիստոս՝ մեր Աստուածը, դուն՝ որ ընտրեցիր եւ ընդունեցիր երանելի քու վկաներդ, եւ զանոնք հաղորդակից դարձուցիր՝ կամաւոր քու չարչարանքներուդ: Արդ, քու քովդ մեզի բարեխօս կը դարձնենք՝ թէ՛ մեր երկրին եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող սուրբերը, որպէսզի անոնց աղօթքովն ու բարեխօսութեամբը՝ խաղաղացնես մեր կեանքը, մեզ փրկելով տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներէն: Շնորհէ՛, Տէ՜ր, որ մենք ալ անոնց օրինակով ապրինք, եւ ուղղափառ դաւանութեա՛մբ կնքէ մեր վախճանը, որպէսզի յաւիտենական կեանքիդ յոյսը ունենանք: Որպէսզի մե՛նք ալ արժանի ըլլանք երկնային լուսեղէն բնակարանները մտնելու, եւ ժառանգելու աշխարհի սկիզբէն ի վեր քու սուրբերուդ համար պատարստուած արքայութիւնդ: Եւ անոնց հետ միասին գոհութեամբ փառաւորենք քեզ՝ Հօրը եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: 16


OUR CHURCH HAS REOPENED Dear faithful, It is with a heart full of spiritual happiness we announce that based on the decision of Mr. Doug Ford, Ontario Premier, and the blessings of H.E. Bishop Abgar Hovakimian, Primate of the Armenian Church of Canada, Holy Trinity Armenian Apostolic Church reopened its doors to the faithful on Sunday, June 14, 2020. The church will be open for prayers and visits every: Sunday for Divine Liturgy, from 10:30 am to 1:00 pm. Live streaming will be available on the church Facebook page. Wednesday, from 7:00 to 8:00 pm, prayers for the recovery of those who are ill. Live streaming will be available on the church Facebook page. Monday through Friday, 9:30 am to 3:00 pm, during the church office hours, for private prayers and lighting of candles. In order to register names for baptisms, weddings, funeral services, as well as requiem and prayers for health or to visit the church office, you are kindly advised to contact the office beforehand: Tel.: 416-431-3001 ext. 226

E-mail: info@TorontoArmenianChurch.com

ATTENTION We would like to draw your attention to the following important points: According to the decision made by the Provincial authorities, we will be able to admit only a limited number of faithful, in order to be able to apply all security measures: keeping 6 feet apart. Families living in the same household will be allowed to sit together; however, each person will be counted separately in the headcount. No handshakes and hugs, please. All those who visit the church must wear a face mask. Please bring your own to help ensure supplies last. 17


A designated person will record the names of the visitors and escort them to their assigned seat. The collection tray will not be passed but rather placed in the Church lobby, where people can make their offering on their way out. All those in high risk groups are strongly urged to stay home. You cannot enter the Church if any of the following applies to you: 1. a family member or anybody in your immediate surrounding has any of the symptoms listed below or has tested positive for Covid-19; 2. have fever; 3. have a cough; 4. have a sore throat; 5. have loss of taste or smell; 6. traveled outside the province of Ontario APPRECIATION We extend our thanks to the deacons and the members of the church choir, who voluntarily participated in the ceremonies during these difficult times and to you, dear faithful, for your patience, prayers and your donations to support the mission of our Church. Let us continue to remember in our prayers all those who have been affected by the pandemic and all those who continue to offer their services in these difficult times. We will update you if any changes happen in the future. We look forward to seeing you soon. Yours truly, Pastors and Parish Council Holy Trinity Armenian Apostolic Church

18


Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին Վերստին Բացաւ Իր Դռները Սիրելի հաւատացեալներ, Հոգեւոր ուրախութեամբ լի սրտով կու գանք յայտնելու, որ համաձայն Օնթարիոյի Նահանգապետ՝ Տիար Տակ Ֆորտի յայտարարութեան եւ օրհնութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդի՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, յառաջիկայ Կիրակի, 14 Յունիս, 2020-էն սկսեալ, Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին, Աստուծոյ ողորմութեամբ, վերստին բացաւ իր դռները մեր հաւատացեալներուն առջեւ: Եկեղեցին աղօթքի եւ այցելութեան համար բաց պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր Կիրակի, Սբ. Պատարագներուն, առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00: Ուղիղ հեռարձակում՝ Եկեղեցւոյս դիմատետրի միջոցով: Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-էն 8:00, Արարողութիւն Հիւանդներու Բժշկութեան համար: Ուղիղ հեռարձակում՝ Եկեղեցւոյս դիմատետրի միջոցով: Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, Եկեղեցւոյ գրասենեակային ժամերուն՝ առաւօտեան 9:30-էն կէսօրէ ետք 3:00 – Առանձնական աղօթքի եւ մոմավառութեան համար: Մկրտութեան, պսակադրութեան, յուղարկաւորութեան, ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստներու, բժշկութեան աղօթքներու անուններու արձանագրութեան եւ եկեղեցւոյս գրասենեակ այցելելու համար կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել քարտուղարութեան հետ՝ Հեռ. 416-431-3001 ext.226 Ե-նամակ՝ info@TorontoArmenianChurch.com

19


ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Ձեր ուշադրութիւնը կ'ուզենք հրաւիրել հետեւեալ կարեւոր կէտերուն. Նահանգային կառավարութեան առած որոշումին համաձայն, առայժմ մենք արարողութիւններուն պիտի կարենանք սահմանափակ թիւով հաւատացեալներ ընդունիլ, ապահովութեան բոլոր միջոցները կիրառելու համար, 6 ոտք հեռաւորութիւն պահելով։ Ընտանիքներ, որոնք նոյն յարկին տակ կը բնակին, կրնան միասին նստիլ, բայց իւրաքանչիւր անձ իբրեւ առանձին թիւ պիտի նկատուի հաշիւին մէջ։ Ձեռնուիլ եւ փաթթուիլ պէտք չէ ըլլայ։ Բոլոր անոնք որոնք եկեղեցի կ'այցելեն, պարտին դիմակ կրել։ Հաճեցէք միշտ ձեր անձնական դիմակները հայթայթել։ Նշանակուած անձ մը ձեր անունները պիտի արձանագրէ եւ ձեր տեղերը առաջնորդէ։ Պատարագի դրամահաւաքի պնակը չպիտի դարձուի, այլ պիտի դրուի եկեղեցւոյ նախասրահի մէջ, ուր ելլած ատէն պիտի կարենաք ձեր նուէրները դնել։ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ Բոլոր այն անձերը որոնք հիւանդանալու բարձր կարելիութիւն ունին նախընտրելի է որ տունը մնան։ Եկեղեցի չէք կրնար մտնել եթէ հետեւեալ կէտերէն որեւէ մէկը կը կիրարկուի. 1. ձեր անմիջական շրջանակին կամ ընտանիքին մէջ ոեւէ մէկը վարակուած է Գովիտ-19-ով եւ կամ ունին հետեւեալ ախտանշանները՝ 2. ջերմութիւն, 3. հազ, 4. կոկորդի ցաւ, 5. հոտառութեան կամ համի զգալի պակաս, 6. Օնթարիօ նահանգէն դուրս ճամբորդած էք։

20


ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Բարեշնորհ սարկաւագներուն եւ դպիրներուն, այս ընթացքին արարողութիւններուն իրենց սիրայօժար մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ ձեզի, սիրելի հաւատացեալներ, այս դժուարին օրերուն ձեր համբերութեան, աղօթքներուն եւ եկեղեցւոյս առաքելութեան ի նպաստ ձեր կատարած սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար: Շարունակենք մեր աղօթքներուն մէջ յիշել համավարակի պատճառաւ անցեալին եւ այսօր տառապանքի ենթարկուածները եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց անձնուրաց ծառայութիւնը կը շարունակեն բերել այս դժուարին շրջանին: Յառաջիկայ փոփոխութիւններու պարագային գրաւոր կերպով ձեզ տեղեակ կը պահենք։

Ձեզ տեսնելու կարօտով եւ ուրախութեամբ, Մնամք սիրով՝ Հովիւք եւ Ծխական Խորհուրդ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ

֍ You are welcome to follow the live-stream of the Sermon on Sunday, September 27, 2020 starting 10:30 AM Facebook/TorontoArmenianChurch

21


22


23


24


25


26


Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան

Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian

Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան

Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian

Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 27


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.