ՕԳՈՍՏՈՍ 30 AUGUST, 2020 – No. 54
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
ԳԻՒՏ ԳՕՏՒՈՅ ՍԲ. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ Բ. ԿԻՐԱԿԻ ՏՕՆ ԳԻՒՏԻ ԳՕՏՒՈՅ ՍՐԲՈՒՀՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 9.8-19 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ 2-ՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 1.1-11 ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 4:35-40 ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Ժամը 9։30-ին
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան
Հոգեւոր Հովիւ
SECOND SUNDAY AFTER THE ASSUMPTION OF THE HOLY MOTHER OF GOD DISCOVERY OF THE BELT OF THE HOLY MOTHER OF GOD SYNAXIS READINGS ISAIAH 9.8-19 2 CORINTHIANS 1.1-11 / MARK 20.24-31 MORNING SERVICE at 9:30 am
DIVINE LITURGY at 10:30 am Celebrated by: Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Parish Priest As our Church has been reopened, we invite you to read the new code of conduct provided in this bulletin. Please check page 15 for details. Thank you in advance for your cooperation. 2
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐԱԾ 2-ՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 1.1-11 Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը. Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը. Որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք. Քանզի ինչպէս Քրիստոսին չարչարանքները մեր վրայ շատ եղան, նմանապէս Քրիստոսին ձեռքովը մեր մխիթարութիւնն ալ շատ ըլլայ։ Եթէ նեղութիւն քաշենք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է եւ եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է, որ կը տոկաք համբերելով այն չարչարանքներուն՝ որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք։ Մեր յոյսը հաստատուն է ձեզի համար, վասն զի գիտենք թէ ինչպէս մեր չարչարանքներուն հաղորդակից եղաք, նոյնպէս ալ մխիթարութեանը պիտի ըլլաք։ Վասն զի Ասիոյ մէջ մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ, թէ մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնւեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։ Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ. Որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ Ու կը յուսանք թէ տակաւին պիտի փրկէ, մեզի համար ձեր ըրած աղօթքին օգնութեամբը. որպէս զի շատերուն աղօթքին պատճառաւ մեզի եղած շնորհքին համար՝ շատերէն գոհութիւն տրուի մեզի համար։
3
ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 4:35-40 Նոյն օրը երբ իրիկուն եղաւ, ըսաւ աշակերտներուն. «Եկէք ծովուն անդիի կողմը անցնինք»։ Անոնք ալ ժողովուրդը արձակելով՝ առին զինք, որ արդէն նաւուն մէջ էր. եւ ուրիշ նաւակներ ալ կային անոր հետ։ Մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիք-ները նաւուն վրայ կու գային, այնպէս որ գրեթէ նաւը կը լեցուէր։ Ինք նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար. արթնցուցին զանիկա եւ ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»։ Ու ելլելով՝ սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ հաւատք չունիք»։
2 CORINTHIANS 1.1-11 Paul, an apostle of Christ Jesus by the will of God, and Timothy our brother, To the church of God in Corinth, together with all his holy people throughout Achaia: Grace and peace to you from God our Father and the Lord Jesus Christ. Praise be to the God and Father of our Lord Jesus Christ, the Father of compassion and the God of all comfort, who comforts us in all our troubles, so that we can comfort those in any trouble with the comfort we ourselves receive from God. For just as we share abundantly in the sufferings of Christ, so also our comfort abounds through Christ. If we are distressed, it is for your comfort and salvation; if we are comforted, it is for your comfort, which produces in your patient endurance of the same sufferings we suffer. And our hope for you is firm, because we know that just as you share in our sufferings, so also you share in our comfort. We do not want you to be uninformed, brothers and sisters, aabout the troubles we experienced in the province of Asia. We were under great pressure, far beyond our ability to endure, so that we despaired of life itself. Indeed, we felt we had received the sentence of death. But this happened that we might not rely on ourselves but on God, who raises the 4
dead. He has delivered us from such a deadly peril, and he will deliver us again. On him we have set our hope that he will continue to deliver us, as you help us by your prayers. Then many will give thanks on our behalf for the gracious favor granted us in answer to the prayers of many. Now this is our boast: Our conscience testifies that we have conducted ourselves in the world, and especially in our relations with you, with integrity and godly sincerity. We have done so, relying not on worldly wisdom but on God’s grace. For we do not write you anything you cannot read or understand. And I hope that, as you have understood us in part, you will come to understand fully that you can boast of us just as we will boast of you in the day of the Lord Jesus.
MARK 4:35-40 That day when evening came, he said to his disciples, “Let us go over to the other side.” Leaving the crowd behind, they took him along, just as he was, in the boat. There were also other boats with him. A furious squall came up, and the waves broke over the boat, so that it was nearly swamped. Jesus was in the stern, sleeping on a cushion. The disciples woke him and said to him, “Teacher, don’t you care if we drown?” He got up, rebuked the wind and said to the waves, “Quiet! Be still!” Then the wind died down and it was completely calm. He said to his disciples, “Why are you so afraid? Do you still have no faith?”.
5
ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ - THIS SUNDAY ԳԻՒՏ ԳՕՏՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ Այս Կիրակի Հայց. Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Գիւտ Գօտւոյ Սուրբ Աստուածածնի: Աւանդութեան համաձայն՝ այդ գօտին Տիրամայրը տուած է Թովմաս առաքեալին եւ Քրիստոնէութեան նախնական շըրջանին այս սրբութիւնը հաւատացեալները մեծ երկիւղածութեամբ կը պահէին եւ անոր հետ կապուած էին բազում հրաշքներ: 5-րդ դարու սկիզբը, Արկադէոս կայսեր օրով (395408) Երուսաղէմի մէջ Աստուածածնի պատկանած Գօտին երեւան եկաւ եւ հանդիսաւոր կերպով Կ. Պոլիս բերուեցաւ եւ հոն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատիւով պահուեցաւ եւ բարեպաշտական առարկայ դարձաւ: Ժամանակի ընթացքին, Ս. Կոյսի գօտին Կոստանդնուպոլիսէն տարուեցաւ Կապադովկիա, բայց Հուստիանոս կայսեր օրով կրկին տեղափոխուեցաւ Կոստանդնուպոլիս:Աստուածամօր գօտիի հետ կապուած բազում հրաշքներէն է Յունաց Զոյա կայսրուհիին բժշկութիւնը: Կայսրուհին երկար տարիներ ծանր հիւանդ էր ու անոր երազին մէջ կը յայտնուի, թէ ինք կը բժշկուի, երբ Աստուածամօր գօտին անոր ուսին դրուի: Բժշկուելէն ետք, Կայսրուհին Տիրամօր գօտին ոսկեայ թելով զարդակարեց ու զայն հանդիսութեամբ տե6
ղադրուեցաւ տապանակին մէջ: Հետագային Ս. Աստուածածնի գօտիէն կտորներ բաժնուեցան տարբեր եկեղեցիներ: Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցի մէջ այս տօնը հաստատ կերպով դրուեցաւ 1774թ-ին, Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի հրատարակած բարեփոխեալ տօնացոյցին մէջ: Աստուածածնի Գօտիին գտնուելուն տօնը Հայ եկեղեցին կը նշէ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին յաջորդող երկրորդ Կիրակի օրը: Տoնը շարժական է, որ 7 օրերու շարժականութեամբ Օգոստոս 26-էն Սեպտեմբեր 1-ը կրնայ հանդիպիլ:
DISCOVERY OF THE BELT OF THE HOLY MOTHER OF GOD This Sunday August 30, the Armenian church is celebrating The Feast of Discovery of St. Mary’s Belt. It is believed that the Belt was originally made by St. Mary herself and was given to Apostle Thomas.The Holy Mother of God was assumed to heaven by her Divine Son and there are no relics of her earthly body. Therefore, her personal belongings became articles of devotion: her Belt and her Box. Her Belt or girdle, was discovered in Jerusalem in the fifth century during the reign of Emperor Arcadius, which was later moved to Constantinople and placed in the Cathedral dedicated to the Holy Mother of God. According to tradition, after Empress Zoe (the wife of Emperor Leo VI the Wise) was healed by the power of the Belt, she embroidered it with gold thread. Before 18th century the celebration of the Discovery of the Belt of the Holy Mother of God was considered a voluntary practice. It was established into the Calendar of Feasts (Տօնացոյց) of the Armenian Church during the revisions made by Catholicos Simeon Yerevantzi (Catholicos 1763-1780). The Feast of the Discovery of St. Mary’s Belt is celebrated on the second Sunday following the Feast of Assumption, which falls somewhere from August 26 to September 1.
֍ 7
ՆԻԿԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆԺՈՂՈՎԻ 318 ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ նախնական շրջաններուն կարգ մը մոլորեցուցիչ «վարդապետութիւններ» յառաջ եկան, որոցմէ IV դարուն տարածուեցաւ արիոսականութիւնը, որ հիմնուած էր Յիսուսի անձի նկատմամբ Արիոս Աղեքսանդրիացիի տեսակէտին վրայ: Արիոսի համաձայն՝ Յիսուս Աստուծորդին Հայր Աստուծոյ բնոյթէն չէ. այսինքն՝ Որդին Աստուած չէ, այլ՝ բարձրագոյն արարած մը, որուն Հայր Աստուած ստեղծած էր աշխարհի ստեղծումէն առաջ: Արիոսի այս տեսակէտը սկսաւ տարածուիլ եւ վէճերն ու հակառակութիւնը ե-կեղեցիներու միջեւ սաստկացաւ: Կոստանդիանոս կայսրը կարգադրեց, որ արիոսականութեան խընդիրը ժողովի մը մէջ լուծուի եւ 325 թուին բոլոր քրիստոնեայ աշխարհի եպիսկոպոսները հրաւիրեց Նիկիա քաղաքը, ընդհանուր ժողովի: Տիեզերական այս առաջին ժողովին ներկայ էին ընդհանրական եկեղեցւոյ 318 հայրապետներ: Կոստանդիանոս կայսրը Հայոց Տրդատ թագաւորին ալ Հրովարտակ ուղղարկեց, որպէսզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հետ մասնակցին այդ ժողովին: Սակայն հանգամանքներու բերումով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ թագաւորը չի կարողացան երթալ ժողովի, ու որպէս հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Նիկիոյ ժողովի ղրկեցին իրենց փոխանորդը, Լուսաւորիչի որդի Արիստակէսը: 8
Ժողովը դատապարտեց Արիոսի ուսմունքը՝ այն համարելով հերոտիկոսութիւն, եւ Արիոսը արտաքսեցին Եկեղեցիէն: Այս ժողովը առիթ մը եղաւ որ բանաձեւուի Եկեղեցւոյ հիմնական դաւանանքը. Հաստատ-ուեցաւ «Նիկիոյ Հանգանակ»ը, մեզի ծանօթ որպէս «Հաւատամք» եւ ընդունուեցան եկեղեցական կեանքը կարգաւորող կանոններ՝ «Ս. Տիեզերական Ժողովի քսան կանոններ» անունով: Արիստակէս իր հետ Հայաստան բերաւ դաւանաբանական այդ գրութիւնը ու կանոնները: Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հրաւիրած եպիսկոպոսական ժողովի կողմէ այդ կանոնները ընդունուեցան եւ հիմքը ծառայեցին Հայոց Եկեղեցւոյ Ուղղափառ հաւատքին։
REMEMBERANCE DAY OF 318 FATHERS OF NICEAN COUNCIL In the early years of the Christian Church several misleading ideologies emerged that potentially led to divisions and disagrements within the Church. One of these ideologies that started spreading in IV century was the controversial view of Arius of Alexandria over the divine nature of the Son of God. According to Arius, Jesus Christ is not of the same essence as God the Father and he was created by Father. This view of Arius began to spread and disputes and opposition within the church escalated. To settle these arising disputes, in 325 the Emperor Constantine called an Universal Assembly in the city of Nicea with the participation of 318 bishops representing all churches. The King of Armenia Terdat and St. Gregory the Illuminator were also invited to participate in this Council. St. Gregory and King Terdat were not able to attend, and instead St. Gregory’s son Aristakes was sent as the representative of the Armenian church at the Council of Nicea. The Council condemned teachings of Arius declaring them as heretical and expelled him from Church. This Council also realized the importance of formulating the doctrine of the true Orthodox belief which became the "Nicean Creed" or "Havadamk" as well as twenty regulatory rules for church life known as canons. Aristakes brought the ‘Nicean Creed’ and the regulatory canons to Armenia. St Gregory the Illuminator invited an Episcopal Assembly, which adopted the ‘Havadamk’ and the regulatory canons and they served as the foundation of the faith for the Armenian Orthodox Church. 9
Requested by: Mr. & Mrs. Samvel & Lusine Amirkhanyan and Family
In Memory of: THE LATE LERNIK AMIRKHANYAN On the occasion of 7th day of his passing in Armenia
Requested by Mr. & Mrs. Seth & Loreta Sarkissian and Family And all members of the Ohanian, Tarverdians, Hovhannesian, Sarkissian & Gevorgian Families
In Memory of THE LATE EDIK NERSES OHANIAN On the occasion of 40th day of his passing
10
Requested by Mr. & Mrs. Zareh and Seta Mahseredjian Mr. & Mrs. Chahe & Darina Dekirmendjian and children Adriana & Andre Mr. & Mrs. Vahe & Susan Dekirmendjian and children Gianni & Katrina Mr. & Mrs. Vache & Stephanie Hagopian and son, Stefen Mr. & Mrs. Ara & Takouhi Torossian Dr. K. and Greta Ebert Mr. & Mrs. Hagop and Anita Bedrossian and children, Daniel & Claudia Mr. & Mrs. Nora and Stephan Abajian Dekirmendjian, Mahseredjian, Hagopian, Torossian, Abajian, Bedrossian, Berberian, Habboush, Valtchev, Cialone Families
In Memory of THE LATE ANAHID DEKIRMENDJIAN On the occasion of 1st anniversary of her passing
as well as THE LATE ROSIE BERBERIAN On the occasion of 40th day of her passing
11
Donations Received Between August 22 - 29, 2020 Feast of St. Mary’s Assumption Day & Grape Blessing Mrs. Ani Migirdiciyan $40 Mr. Dikran Kalaydjian $30 Mr. Zohrab Sarkissian $20
Humanitarian Fund: The Beirut Explosion Relief Fund Mr. & Mrs. Sogomon & Areknaz Sakarya $500 Mrs. Shake Basmajian, Dr. Isabelle Basmajian, Ms Knar Basmajian and Ms Silva Basmajian $500 Gurgen Nazari & Jaklin Arvand $200 Mr. & Mrs. Berdj and Rose Marie Tanielian $100 Mr. Paul Jelilian $150
In Memory of The Late Varoujan Dournayan Mr. Kamer Basmadjian $200 Ms Emma Basmadjian $100 Mrs. Siroun Tellian $50 Mr. Ohannes Tellian $50 Mr. Barkev Basmadjian $50 Mr. Bedros Basmadjian $50 Mr. & Mrs. Berdj and Rose Marie Tanielian $50 Hagop & Tina Tcherkezian $50 Mr. Onnik Assadourian $25 The Late Kevork Artinian Mrs. Sona Artinian $200 Mr. & Mrs. Krikor & Lisa Artinian $50 The Late Adroushan Musliyan and Yevpime Musliyan: Mr. Sasun Musliyan $200 12
The Late Ara Koundakdjian Mr. Raffi Kifourkian $100 Ms Maral Nazaryan $10 Mr. Harry Koundakdjian $50 Mr. Vasken Jelilian $200 Mr. & Mrs. Khoren & Salpi Ardhdaljian $50 Ms Ani Jelilian $50 The Late Zabel Khanjezian: Mrs. Maral Hasserjian $60 The Late Levon & John Saatjian: Ms Seta Saatjian $50 The Late Varteni Seleci: Mr. John Ketendjian $200 Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ ԶԱՐԵՀ ԵՒ ՍԵԴԱ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ Ի յիշատակ ննջեցեալ
ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՔԻՐՄԵՆՃԵԱՆԻ Ս. Խորանի Ծաղիկներու պատրաստում՝ “ Flowers of the World“
The Altar Flowers are sponsored by
MR. & MRS. ZAREH & SETA MAHSEREJIAN AND FAMILY In Loving Memory of
ANAHID DEKIRMENDJIAN Altar Flowers provided by Flowers of the World
APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416-431-3001 info@TorontoArmenianChurch.com 13
Ո՜վ անքնին բարձրեալ, հոգիներու բարի պետ, խաղաղութեան առաջնորդ, եւ անոխակալութեան սահման, ի բարին յիշէ նաեւ մեր մարդկային թշնամիները եւ ողորմութիւն ու քաւութիւն շնորհէ անոնց: Իմ պատճառովս մի՛ բարկանար անոնց, Տէր, եւ ներէ՛ իրենց յանցանքները, որոնք թերեւս իրաւունքով ալ յանցաւոր են մեզի հանդէպ: Ու մինչ ես Քեզմէ բարիք կը խնդրեմ զիս ատողներուն համար, Դուն ալ, քու մեծագործութեանդ համեմատ, անճառելի բարիքներ հրաշագործէ: Զիս թշնամանողները մի՛ ոչնչացներ, այլ բարեփոխէ՛: Իմ եւ անոնց մէջ ալ բարիք սերմանէ: Քու ձեռքովդ կը բաշխուին ամենուն կեանքին անհրաժեշտ պէտքերը, եւ Քեզի փա՜ռք կը վայելէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: ՆԱՐԵԿ, ՁԳ
**** Դուն՝ որ բոլորին պահապանն ես, Քրիստոս, Քու աջդ թող հովանի՛ ըլլայ իմ վրաս՝ գիշեր ու ցերեկ, տան մէջ նստած ատենս թէ ճամբան գացած ատենս, քնացած թէ արթնցած ատենս, որպէսզի երբե՛ք չսասանիմ. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս: Ամէն:
14
OUR CHURCH HAS REOPENED Dear faithful, It is with a heart full of spiritual happiness we announce that based on the decision of Mr. Doug Ford, Ontario Premier, and the blessings of H.E. Bishop Abgar Hovakimian, Primate of the Armenian Church of Canada, Holy Trinity Armenian Apostolic Church reopened its doors to the faithful on Sunday, June 14, 2020. The church will be open for prayers and visits every: Sunday for Divine Liturgy, from 10:30 am to 1:00 pm. Live streaming will be available on the church Facebook page. Wednesday, from 7:00 to 8:00 pm, prayers for the recovery of those who are ill. Live streaming will be available on the church Facebook page. Monday through Friday, 9:30 am to 3:00 pm, during the church office hours, for private prayers and lighting of candles. In order to register names for baptisms, weddings, funeral services, as well as requiem and prayers for health or to visit the church office, you are kindly advised to contact the office beforehand: Tel.: 416-431-3001 ext. 226
E-mail: info@TorontoArmenianChurch.com
ATTENTION We would like to draw your attention to the following important points: According to the decision made by the Provincial authorities, we will be able to admit only a limited number of faithful, in order to be able to apply all security measures: keeping 6 feet apart. Families living in the same household will be allowed to sit together; however, each person will be counted separately in the headcount. No handshakes and hugs, please. All those who visit the church must wear a face mask. Please bring your own to help ensure supplies last.
15
A designated person will record the names of the visitors and escort them to their assigned seat. The collection tray will not be passed but rather placed in the Church lobby, where people can make their offering on their way out. All those in high risk groups are strongly urged to stay home. You cannot enter the Church if any of the following applies to you: 1. a family member or anybody in your immediate surrounding has any of the symptoms listed below or has tested positive for Covid-19; 2. have fever; 3. have a cough; 4. have a sore throat; 5. have loss of taste or smell; 6. traveled outside the province of Ontario APPRECIATION We extend our thanks to the deacons and the members of the church choir, who voluntarily participated in the ceremonies during these difficult times and to you, dear faithful, for your patience, prayers and your donations to support the mission of our Church. Let us continue to remember in our prayers all those who have been affected by the pandemic and all those who continue to offer their services in these difficult times. We will update you if any changes happen in the future. We look forward to seeing you soon. Yours truly, Pastors and Parish Council Holy Trinity Armenian Apostolic Church
16
Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին Վերստին Բացաւ Իր Դռները Սիրելի հաւատացեալներ, Հոգեւոր ուրախութեամբ լի սրտով կու գանք յայտնելու, որ համաձայն Օնթարիոյի Նահանգապետ՝ Տիար Տակ Ֆորտի յայտարարութեան եւ օրհնութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդի՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, յառաջիկայ Կիրակի, 14 Յունիս, 2020-էն սկսեալ, Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին, Աստուծոյ ողորմութեամբ, վերստին բացաւ իր դռները մեր հաւատացեալներուն առջեւ: Եկեղեցին աղօթքի եւ այցելութեան համար բաց պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր Կիրակի, Սբ. Պատարագներուն, առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00: Ուղիղ հեռարձակում՝ Եկեղեցւոյս դիմատետրի միջոցով: Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-էն 8:00, Արարողութիւն Հիւանդներու Բժշկութեան համար: Ուղիղ հեռարձակում՝ Եկեղեցւոյս դիմատետրի միջոցով: Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, Եկեղեցւոյ գրասենեակային ժամերուն՝ առաւօտեան 9:30-էն կէսօրէ ետք 3:00 – Առանձնական աղօթքի եւ մոմավառութեան համար: Մկրտութեան, պսակադրութեան, յուղարկաւորութեան, ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստներու, բժշկութեան աղօթքներու անուններու արձանագրութեան եւ եկեղեցւոյս գրասենեակ այցելելու համար կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել քարտուղարութեան հետ՝ Հեռ. 416-431-3001 ext.226 Ե-նամակ՝ info@TorontoArmenianChurch.com
17
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Ձեր ուշադրութիւնը կ'ուզենք հրաւիրել հետեւեալ կարեւոր կէտերուն. Նահանգային կառավարութեան առած որոշումին համաձայն, առայժմ մենք արարողութիւններուն պիտի կարենանք սահմանափակ թիւով հաւատացեալներ ընդունիլ, ապահովութեան բոլոր միջոցները կիրառելու համար, 6 ոտք հեռաւորութիւն պահելով։ Ընտանիքներ, որոնք նոյն յարկին տակ կը բնակին, կրնան միասին նստիլ, բայց իւրաքանչիւր անձ իբրեւ առանձին թիւ պիտի նկատուի հաշիւին մէջ։ Ձեռնուիլ եւ փաթթուիլ պէտք չէ ըլլայ։ Բոլոր անոնք որոնք եկեղեցի կ'այցելեն, պարտին դիմակ կրել։ Հաճեցէք միշտ ձեր անձնական դիմակները հայթայթել։ Նշանակուած անձ մը ձեր անունները պիտի արձանագրէ եւ ձեր տեղերը առաջնորդէ։ Պատարագի դրամահաւաքի պնակը չպիտի դարձուի, այլ պիտի դրուի եկեղեցւոյ նախասրահի մէջ, ուր ելլած ատէն պիտի կարենաք ձեր նուէրները դնել։ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ Բոլոր այն անձերը որոնք հիւանդանալու բարձր կարելիութիւն ունին նախընտրելի է որ տունը մնան։ Եկեղեցի չէք կրնար մտնել եթէ հետեւեալ կէտերէն որեւէ մէկը կը կիրարկուի. 1. ձեր անմիջական շրջանակին կամ ընտանիքին մէջ ոեւէ մէկը վարակուած է Գովիտ-19-ով եւ կամ ունին հետեւեալ ախտանշանները՝ 2. ջերմութիւն, 3. հազ, 4. կոկորդի ցաւ, 5. հոտառութեան կամ համի զգալի պակաս, 6. Օնթարիօ նահանգէն դուրս ճամբորդած էք։
18
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Բարեշնորհ սարկաւագներուն եւ դպիրներուն, այս ընթացքին արարողութիւններուն իրենց սիրայօժար մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ ձեզի, սիրելի հաւատացեալներ, այս դժուարին օրերուն ձեր համբերութեան, աղօթքներուն եւ եկեղեցւոյս առաքելութեան ի նպաստ ձեր կատարած սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար: Շարունակենք մեր աղօթքներուն մէջ յիշել համավարակի պատճառաւ անցեալին եւ այսօր տառապանքի ենթարկուածները եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց անձնուրաց ծառայութիւնը կը շարունակեն բերել այս դժուարին շրջանին: Յառաջիկայ փոփոխութիւններու պարագային գրաւոր կերպով ձեզ տեղեակ կը պահենք։
Ձեզ տեսնելու կարօտով եւ ուրախութեամբ, Մնամք սիրով՝ Հովիւք եւ Ծխական Խորհուրդ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
֍ You are welcome to follow the live-stream of the Sermon & Requiem Service on Sunday, August 30, 2020 starting 10:30 AM Facebook/TorontoArmenianChurch
19
ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԺԱՄՈՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆ Եւ ԶՐՈՅՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՀԵՏ Սիրելի հաւատացեալներ Սիրով կը յայտնենք թէ յետայսու, ամէն Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7-ին, «ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԺԱՄՈՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆ»-ին, ապա «ԶՐՈՅՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՀԵՏ» հանդիպման (ժամը 7:30-ին) կարող էք միանալ ներկայութեամբ, կամ Zoom meetings-ի միջոցաւ, միասնաբար աղօթելու հիւանդներու բժշկութեան եւ մեղքերու քաւութեան համար եւ մասնակցելու խիստ շահեկան զրոյցներուն, ուր պիտի ներկայացուին մեզ յուզող նիւթեր քրիստոնէական տեսանկիւնէ: Կարեւոր է ձեր համակարգչին կամ հեռախօսին վրայ ունենալ Zoom-ի ծրագիրը, ապա հետեւեալ link-ով միանալ մեզի (Meeting ID: 893 7532 3140 / Passcode: 332790):
EVNING PRAYERS SERVICE & CONVERSATION WITH THE PRIEST Dear faithful, We kindly inform you that from now, on every Wednesday evening at 7:00 pm, you can join the "EVENING PRAYERS SERVICE", then the "CONVERSATION WITH THE PRIEST" (at 7:30 pm) by attending, or through Zoom meetings, to pray together for the healing of the sick and the atonement of sins and to participate in very beneficial conversations. It is important to have the Zoom app on your computer or phone, then join us via the following link (Meeting ID: 893 7532 3140 / Passcode: 332790).
20
21
22
23
24
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 25