ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 13 DECEMBER, 2020 – No. 69
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
ԱԲԳԱՐ ԹԱԳԱՒՈՐ
Դ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 38.1-8 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 1.1-14 ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 17.1-10 ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Ժամը 9։30-ին ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝
ԱՐԺ. Տ. ԶԱՐԵՀ Ա. ՔՀՆՅ. ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ Փոխառաջնորդ եւ Հոգեւոր Հովիւ
FOURTH SUNDAY OF ADVENT SYNAXIS READINGS ISAIAH 38.1-8 HEBREWS 1.1-14 LUKE 17.1-10 MORNING SERVICE at 9:30 am DIVINE LITURGY at 10:30 am Celebrated by:
REV. ARCHPRIEST FR. ZAREH ZARGARIAN Vicar and Parish Priest
You are welcome to follow the live-stream of the Sermon On Sunday, December 13, 2020 starting 10:30 AM Facebook/TorontoArmenianChurch
2
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 1։1-14 Աստուած, որ վաղուց՝ շատ անգամներ ու շատ կերպերով՝ խօսած էր հայրերուն մարգարէներով, այս վերջին օրերը խօսեցաւ մեզի իր Որդիով, որ ժառանգորդ նշանակեց ամէն բանի եւ տիեզերքն ալ ստեղծեց անով: Ան իր փառքին շողն է ու իր էութեան նկարագրութիւնը, եւ իր զօրութեան խօսքով հաստատ կը բռնէ ամէն բան: Ի՛նք էր որ՝ մաքրելէ ետք մեր մեղքերը՝ բազմեցաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծափառութեան աջ կողմը, ա՜յնչափ գերադաս ըլլալով հրեշտակներէն, քանի որ անոնցմէ գերազանց անուն մը ժառանգեց: Արդարեւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք. «Դուն իմ Որդիս ես, ա՛յսօր ծնայ քեզ»: Եւ դարձեալ. «Ես Հայր պիտի ըլլամ անոր, ան ալ Որդի պիտի ըլլայ ինծի»: Դարձեալ՝ երբ Անդրանիկը կը մտցնէ երկրագունդը՝ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ թող երկրպագեն անոր»: Նաեւ հրեշտակներուն մասին կ՚ըսէ. «Իր հրեշտակները հոգիներ կ՚ընէ, եւ իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց»: Իսկ Որդիին կ՚ըսէ. «Քու գահդ, ո՛վ Աստուած, կը կենայ դարէ դար՝՝. քու թագաւորութեանդ մականը ուղղամտութեան մական է: Դուն սիրեցիր արդարութիւնը եւ ատեցիր անօրէնութիւնը. Հետեւաբար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ օծեց քեզ ցնծութեան իւղով՝ ընկերակիցներէդ աւելի»: Նաեւ. «Տէ՛ր, դո՛ւն սկիզբէն դրիր երկրի հիմերը, ու քո՛ւ ձեռքերուդ գործն է երկինքը: Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն կը մնաս. բոլորը պիտի մաշին հանդերձի պէս: Պիտի ոլորես զանոնք ծածկոցի պէս, եւ պիտի փոխուին. իսկ դուն՝ միշտ նո՛յնն ես, ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»: Եւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»: Միթէ անոնք բոլորը պաշտօն կատարող հոգիներ չե՞ն, ղրկուած սպասարկելու անոնց՝ որ պիտի ժառանգեն փրկութիւնը: 3
ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 17.1-10 Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. բայց վա՜յ անոր, որուն միջոցով կու գան: Աւելի օգտակար պիտի ըլլար անոր, որ իշու ջաղացքի քար մը կախուէր իր վիզէն ու ծովը ձգուէր, քան թէ գայթակղեցնէր այս պզտիկներէն մէ՛կը: Ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի: Եթէ եղբայրդ մեղանչէ քեզի դէմ՝ յանդիմանէ՛ զայն. ու եթէ ապաշխարէ՝ ներէ՛ անոր: Եթէ օրը եօթն անգամ մեղանչէ քեզի դէմ, եւ օրը եօթն անգամ վերադառնայ քեզի ու ըսէ՝ “կ՚ապաշխարեմ”, ներէ՛ անոր»: Առաքեալները ըսին Տէրոջ. «Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը»: Տէրը ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենայիք, կրնայիք ըսել այս թթենիին. “Արմատախի՛լ եղիր եւ տնկուէ՛ ծովուն մէջ”. ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի»: «Բայց ձեզմէ ո՞վ, ունենալով երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, երբ ան տուն մտնէ արտէն՝ իսկոյն կ՚ըսէ անոր. “Գնա՛, սեղա՛ն նստէ”: Հապա չ՚ը՞սեր անոր. “Պատրաստէ՛ իմ ընթրիքս, ու գօտիդ կապած՝ սպասարկէ՛ ինծի, մինչեւ որ ես ուտեմ եւ խմեմ. յե՛տոյ դուն ալ կեր ու խմէ”: Միթէ շնորհապա՞րտ կ՚ըլլայ այդ ծառային՝ իրեն հրամայուած բաները ընելուն համար. չեմ կարծեր: Նոյնպէս դուք, երբ ընէք ձեզի հրամայուած բոլոր բաները՝ ըսէ՛ք. “Մենք անպէտ ծառաներ ենք. ըրինք ինչ որ պարտական էինք ընել”»: HEBREWS 1.1-14 In the past God spoke to our ancestors through the prophets at many times and in various ways, but in these last days he has spoken to us by his Son, whom he appointed heir of all things, and through whom also he made the universe. The Son is the radiance of God’s glory and the exact representation of his being, sustaining all things by his powerful word. After he had provided purification for sins, he sat down at the right hand of the Majesty in heaven. So he became as much superior to the angels as the name he has inherited is superior to theirs. For to which of the angels did God ever say, “You are my Son; today I have become your Father”? Or again, “I will be his Father, and he will be my Son”? And again, when God brings his firstborn into the world, he says, 4
“Let all God’s angels worship him.” In speaking of the angels he says, “He makes his angels spirits, and his servants flames of fire.” But about the Son he says, “Your throne, O God, will last for ever and ever; a scepter of justice will be the scepter of your kingdom. You have loved righteousness and hated wickedness; therefore, God, your God, has set you above your companions by anointing you with the oil of joy.” He also says, “In the beginning, Lord, you laid the foundations of the earth, and the heavens are the work of your hands. They will perish, but you remain; they will all wear out like a garment. You will roll them up like a robe; like a garment they will be changed. But you remain the same, and your years will never end.” To which of the angels did God ever say, “Sit at my right hand until I make your enemies a footstool for your feet”? Are not all angels ministering spirits sent to serve those who will inherit salvation? LUKE 17.1-10 Jesus said to his disciples: “Things that cause people to stumble are bound to come, but woe to anyone through whom they come. It would be better for them to be thrown into the sea with a millstone tied around their neck than to cause one of these little ones to stumble. So watch yourselves. “If your brother or sister a sins against you, rebuke them; and if they repent, forgive them. Even if they sin against you seven times in a day and seven times come back to you saying ‘I repent,’ you must forgive them.” The apostles said to the Lord, “Increase our faith!” He replied, “If you have faith as small as a mustard seed, you can say to this mulberry tree, ‘Be uprooted and planted in the sea,’ and it will obey you. “Suppose one of you has a servant plowing or looking after the sheep. Will he say to the servant when he comes in from the field, ‘Come along now and sit down to eat’? Won’t he rather say, ‘Prepare my supper, get yourself ready and wait on me while I eat and drink; after that you may eat and drink’? Will he thank the servant because he did what he was told to do? So you also, when you have done everything you were told to do, should say, ‘We are unworthy servants; we have only done our duty.’” 5
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՏՕՆԵՐԸ - FEASTS OF THE WEEK ՏՕՆ ՍՐԲՈՅՆ ԱԲԳԱՐՈՒ ՆԱԽԱՎԿԱՅ ԵՒ Ի ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԵՐՈՅ Շաբաթ՝ 19 Դեկտեմբեր Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ թագաւոր Սուրբ Աբգարը՝ որդին էր պարթեւ Արշակունի Արշամին: Ան թագաւորած է Օսրոյենէ կոչուող երկրամասին մէջ, որուն մայրաքաղաքը Եդեսիան էր (այժմ՝ Ուրֆա), ուր հաւասարաչափ թիւով հայեր եւ ասորիներ կ՚ապրէին: Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու միջեւ ինկած այս երկրամասը Մեծն Տիգրան կցած էր Հայաստանին եւ հոն կառուցած էր իր նոր մայրաքաղաք՝ Տիգրանակերտը: Աբգար թագաւորը ժամանակակից եղած է Յիսուս Քրիստոսին: Անոր թագաւորութեան առաջին տարուայ ընթացքին ծնւ թագաւորներու թագաւորը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը: Աբգար թագաւորը կը տառապէր անբուժելի հիւանդութեամբ՝ բորոտութեամբ: Լսելով Յիսուսի սքանչելի հրաշագործութիւններու մասին՝ անմիջապէս հաւատաց, որ միայն Ան կարող է բուժել իր հիւանդութիւնը: Ուստի հաւատքի նամակ գրեց Յիսուսին, որուն մէջ կ՚ըսէր. «Աբգար Արշամի որդի, աշխարհի իշխան, բարերար եւ փրկիչ Յիսուսիդ, որ Երուսաղէմի մէջ յայտնուեցար, ողջո՛յն: Լսած եմ Քու եւ այն բժշկութիւններուն մասին, որ Քու ձեռքով կը կատարուին, առանց դեղերու եւ արմատներու: Որովհետեւ, ինչպէս որ կ՚ըսեն, Դուն կոյրերուն տեսողութիւն կու տաս, կաղերը կը քալեցնես, բորոտները կը մաքրես, չար ոգիներն ու դեւերը կը վանես եւ առհասարակ երկարատեւ հիւանդութիւններով չարչարուողները կը բժշկես, կ՚ըսեն թէ, Դուն նաեւ մեռածները կը կենդանացնես: Երբ այս ամէնը Քու մասին լսեցի, մտքիս մէջ դրի, որ Դուն Աստուած ես, որ իջած ես երկնքէն, կամ Աստուծոյ Որդին ես, որ այդ բոլորը կ՚ընես: Այդ պատճառով Քեզի գրեցի, աղաչելով, որ նեղութիւն կրես, գաս մօտս, եւ բժշկես իմ ունեցած հիւանդութիւնս: Նաեւ լսեցի, թէ հրեաները դժգոհին Քեզմէ եւ կ՚ ուզեն Քեզ չարչարել, բայց ես փոքր ու գեղեցիկ քաղաք մը ունիմ, որ երկուքիս ալ բաւական է» (Մովսէս Խորենացի, Հայոց պատմութիւն): Աբգարի սուրհանդակն ու քարտուղարը՝ Անանիան, Երուսաղէմի մէջ կը գտնէ Յիսուսին եւ նամակն ու մեծագին ընծաներ կը յանձնէ Անոր: Աբգարը կ՚արժանանայ Փրկիչի պատասխանին՝ գրուած Թովմաս առաքեալի ձեռքով. «Երանի՜ անոր, որ առանց տեսնելու կը հաւատայ Ինծի, որովհետեւ գրուած է. Ինձ տեսնողները պիտի չհաւատան, բայց անոնք, որոնք չեն տեսած՝ պիտի հաւատան եւ յաւիտեան պիտի ապրին….»: Ապա նամակի շարունակութեան մէջ Յիսուս կը հաստատէ, որ Ինքը չի կրնար 6
գալ, սակայն Իր համբարձումէն ետք Իր աշակերտներէն մէկը պիտի ուղարկէ՝ զինք բժշկելու համար: Անանիան պատասխան նամակի հետ թագաւորին կը բերէ նաեւ Փրիկչին պատկերը, որ պատմութեան մէջ յայտնի է «անձեռակերտ դաստառակ» անունով: Քրիստոսի համբարձումէն ետք Անոր առաքեալներէն մէկը՝ Սբ. Թադէոսը, Եդեսիա կու գայ, ու կը բժշկէ Աբգարին եւ քաղաքի բոլոր հիւանդներուն ու ախտաւորներուն՝ ազատօրէն քարոզելով Աւետարանը: Ողջ քաղաքը կը հաւատայ Քրիստոսին, ու դարձի գալով, կը հրաժարի կռապաշտութենէն եւ կը մկրտուի: Կուռքերու տաճարներուն դռները կը փակեն: Եւ առանց դժուարութեան հաւատացեալներու թիւը օրըստօրէ կ՚աճի: Սբ. Թադէոս առաքեալ Եդեսիոյ մէջ իր քարոզչութիւնը աւարտելէ ետք քաղաքին եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ կերպասագործ Ադդէին, ապա կ՚ուղեւորուի Հայաստան՝ հայոց Սանատրուկ արքային քարոզելու համար: Սուրբ Աբգար թագաւորը, տոգորուած Քրիստոսի սիրով, նամակներ կը յղէ Հռոմի Տիբերիոս կայսրին, Ասորեստանի Ներսէհ թագաւորին եւ Պարսից Արտաշիր թագաւորին, որպէսզի անոնք եւս ընդունին Յիսուս Քրիստոսին՝ որպէս Աստուծոյ Որդի եւ Փրկիչ: Ան կը ջանայ ամէն տեղ Քրիստոսի արքայութիւնը քարոզել:
֍
7
In Memory of THE FALLEN SOLDIERS AND CIVILIANS IN ARTSAKH
Requested by Mariane Simonian, Philip Ajderian, and Adrine Hampartzoumian
In Memory of THE LATE MARI CHAKAROVA Passed away on November 5, 2020 in Sofia Bulgaria As well as THE LATE ONIK CHAKAROV VICTORIA CHAKAROVA MATEOS CHAKAROV MARIANE HAMPARTZUMIAN SIMON HAMPARTZOUMIAN HAMPARZOUM HAMPARTZOUMIAN AVEDIS HAMPATRZOUMIAN ONIK HAMPARTZOUMIAN PEPRONIK HAMPARTZOUMIAN AGOP CHAKAROV MELINE CHAKAROVA 8
Requested by Mr. & Mrs. Artashes and Hripsik Sinanian Mr. & Mrs. Sevak and Shoghag Sinanian and son, Shant Mr. & Mrs. Sarmen and Natalie Sinanian
In Memory of THE LATE ASTVATSADOUR SINANIAN 20th Anniversary of his passing as well as THE LATE REV. ARCHPRIEST FR. AHARON TER GALSTANIAN YERETSGIN YUGHABER SARIAN NARGIZ SHAHNAZARIAN and all departed souls of SINANIAN, TER GLATANIAN, SHAHNAZARIAN AND SARIAN FAMILIES
Requested by Mr. & Mrs. Kevork and Sossi Barounian and Family
In Memory of THE LATE VERGIN AND HAGOP BARONIAN ARAM AND LOUSSASSIN OHANIAN SIRVART OHANIAN- CHILINGIRIAN As well as all deceased members of THE BARONIAN, OHANIAN, DILSIZIAN, TERZIAN, BALEKJIAN, BOGHCHALIAN, KEUSEYAN AND DJEGHALIAN FAMILIES 9
Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԳԷՈՐԳ ԵՒ ՍՕՍԻ ՊԱՐՈՒՆԵԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ Ի յիշատակ՝
ԻՐԵՆՑ ՆՆՋԵՑԵԱԼ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒՆ Altar Flowers are sponsored by
MR. & MRS. KEVORK & SOSSI BAROUNIAN AND FAMILY In Loving Memory of
THEIR LOVED ONES Flowers provided by Flowers of the World
10
LIST OF DONATIONS TO HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH DECEMBER 5 - 11, 2020
In Memory of The Late Souren Agemian Mrs. Silvia Alexanian $1,000 Mr. Maher Hanna $500 Ms Jeannette Ohannesyan $200 Mrs. Armenouhi Kololian $100 Mr. & Mrs. Ara and Astra Hagopian $100
The Late Hacik Boayaci Tersakyan Family $50
The Late Kay Berberian Mrs. Shakeh Basmajian $100
The Late Sarkis Restoukian Ms Peggy Restoukian $20
The Late Mari Chakarova Mrs. Mariane Simonian $150
In Memory of Loved ones Mr. & Mrs. Kevork & Sossi Barounian $75
Christmas Donation Mr. Joseph Gulsoy $300 Dr. Isabelle Basmajian $100
Altar Flowers Mr. & Mrs. Kevork & Sossi Barounian $75 11
HTAC Humanitarian Fund-Artsakh Mrs. Sona Mutevelli $100
92nd Anniversary of HTAC Mr. & Mrs. Andre & Seza Nazarian $1,000 Mirzoyan Family $1,000 Mrs. Shakeh Basmajian $1,000 Mrs. Sona Mutevelli $100
General Mr. Aram Isnar $3,100 Mr. & Mrs. Diran & Mireille Parnakoglu $250 Ms Taleen Simonian $200 Mrs. Arina Mousaeian $100
Membership 2020 Mr. Joseph Gulsoy $70
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Շնորհակալութիւն ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։ Եթէ կը նախընտրէք ձեր անունը չյիշել կատարած նուիրատուութեան համար, կը խնդրենք նախօրօք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416-431-3001 Email: info@TorontoArmenianChurch.com
12
Ո՜վ անքնին բարձրեալ, հոգիներու բարի պետ, խաղաղութեան առաջնորդ, եւ անոխակալութեան սահման, ի բարին յիշէ նաեւ մեր մարդկային թշնամիները եւ ողորմութիւն ու քաւութիւն շնորհէ անոնց: Իմ պատճառովս մի՛ բարկանար անոնց, Տէր, եւ ներէ՛ իրենց յանցանքները, որոնք թերեւս իրաւունքով ալ յանցաւոր են մեզի հանդէպ: Ու մինչ ես Քեզմէ բարիք կը խնդրեմ զիս ատողներուն համար, Դուն ալ, քու մեծագործութեանդ համեմատ, անճառելի բարիքներ հրաշագործէ: Զիս թշնամանողները մի՛ ոչնչացներ, այլ բարեփոխէ՛: Իմ եւ անոնց մէջ ալ բարիք սերմանէ: Քու ձեռքովդ կը բաշխուին ամենուն կեանքին անհրաժեշտ պէտքերը, եւ Քեզի փա՜ռք կը վայելէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: Դուն՝ որ բոլորին պահապանն ես, Քրիստոս, Քու աջդ թող հովանի՛ ըլլայ իմ վրաս՝ գիշեր ու ցերեկ, տան մէջ նստած ատենս թէ ճամբան գացած ատենս, քնացած թէ արթնցած ատենս, որպէսզի երբե՛ք չսասանիմ. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս: Ամէն:
13
Dear faithful, As of Monday, November 23, 2020, according to the announcement of the Province of Ontario, Toronto has moved to Grey Zone - Lockdown. This means the attendance inside the church is restricted to 10 people, including priests, deacons and staff. The Sunday Divine Liturgies and Wednesday evening prayer services will take place behind closed doors. We encourage you to follow the live-stream of the services on Facebook/TorontoArmenianChurch Baptisms, weddings and funerals will continue to take place at the church with a maximum of 10 people in the entire building. The current situation will be in effect for the next 28 days. Please contact the Church office for an appointment prior to your visit or if you have any questions or concerns. 416-431-3001 ext. 226 or by email: info@TorontoArmenianChurch.com Thank you for your cooperation. Stay safe and healthy. Parish Council, Holy Trinity Armenian Church
14
Սիրելի հաւատացեալներ, Օնթարիոյի Կառավարութեան յայտարարութեան համաձայն, Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր, 2020-էն սկսեալ, Թորոնթօն անցած է Մոխրագոյն Գօտի, որը կը նշանակէ թէ արգելափակման մէջ կը գտնուինք - Grey Zone – Lockdown. Հետեւաբար, Կիրակնօրեայ Պատարագները, Հոգեհանգստեան արարողութիւնները, ինչպէս նաեւ Չորեքշաբթի երեկոներու աղօթքները տեղի պիտի ունենան գոց դռներու կարգով: Ձեզի կը քաջալերենք Եկեղեցւոյս դիմատետրի էջի միջոցավ հետեւիք արարողութիւններուն: Մկրտութիւններ, պսակներ եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններ պիտի շարունակուին կատարուիլ, սակայն ըստ սահմանուած օրէնքին, այս ընթացքին առաւելագոյնը 10 հոգի կրնայ ներկայ գտնուիլ եկեղեցւոյ շէնքի տարածքին մէջ: Ներկայ դրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 28 օր: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք կապ հաստատել եկեղեցւոյս գրասենեակին հետ` 416 431 3001 Ext 226 կամ ե-նամակով՝ info@TorontoArmenianChurch.com Առողջութեան եւ խաղաղութեան բարի մաղթանքներով, Սբ. Երրորդութիւն Հայց Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդ
15
BAREV YOUTH presents: Holiday DIY Cookie Kit Sale Proceeds going to relief efforts in Artsakh & Armenia Message Barev Youth to Pre-Order on Facebook or Instagram Dec 13 & 20 Curbside pick-up ONLY Holy Trinity Armenian Church
16
17
18
19
20
21
22
23
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 24