NOR HARATCH
Journal trihebdomadaire en langue arménienne
Շաբաթ Նոյեմբեր 5
2011
Samedi 5 Novembre
Téléphone : 01 55 32 06 72 contact@norharatch.com Բ.տարի | Թիւ 286 | Գինը՝ 1,50 եւրօ
2e année | No 286 | Prix unitaire : 1,50 €
ԱՆԱԿՆԿԱԼ զարգացում ՄԵԾ ՔՍԱՆԵԱԿԻ ԳԱՆՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԳՐԵԹԷ ԹԱՂԵՑ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ մասին ՀԱՆՐԱՔՈՒԷն Մինչ Գաննի մէջ Հոկտեմբեր 3ին բա ցուեցաւ Մեծ Քսանեակի՝ G-20 վեհաժո ղովը համաշխարհային նոր տագնապի սպառնալիքներու խեղդիչ մթնոլորտի մը մէջ, Յունաստանի վարչապետը քիչ մը թթուածին բերաւ: Ան յատկապէս հրաւիրուած էր՝ Երկուշաբթի օր իր ու նեցած մտահոգիչ յայտարարութենէն ետք, երբ ըսած էր, թէ կը մտադրէ հան րաքուէով մը դիմել իր ժողովուրդին՝ տեսնելու համար՝ կ՚ուզէ՞ թէ չուզեր գործադրել Եւրոպայի մշակած փրկու թեան ծրագիրը: Ինչպէս գրած էինք, այս քայլը ինքնին պայթումի ազդեցութիւն գործած էր. գլխաւորաբար եւրոպացի ղեկավար ները, համայն աշխարհի տնտեսական հիմնարկները, սակարանները, բոլորը իրար անցած էին: Հինգշաբթի՝ Նոյեմբեր 3ին, վե
հաժողովին մասնակիցներուն առջեւ Ժորժ Փափանտրէու յայտարարած է, թէ պատրաստ է հրաժարելու իր այդ մտադրութենէն եւ գիտակից է, որ Յու նաստանը դէպի ելք առաջնորդելիք միակ միջոցը՝ «փրկութեան ծրագիր»ն է: Պէտք է նշել, սակայն, թէ նախորդ իրիկուն՝ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2ին, Սարքոզի եւ Մերքէլ խստօրէն սպառ նացած էին իրեն՝ ըսելով, թէ Եւրոպա այլեւս մէկ սանթիմ իսկ պի տի չտրամադրէ Յունաստանին, եթէ հանրաքուէ տեղի ունենայ: Եւ ըսել, թէ 2010ին որոշուած օժանդակու- թեան առանց վեցերորդ մասնավըճարին, որ կը ներկայացնէ 8 միլիառ եւրօ, Յունաստան կատարեալ սնան կութեան կ՚առաջնորդուի մինչեւ Դեկ տեմբեր 15: Բացի տնտե սական այս տագնապէն, Փափանտրէու քաղաքական ներքին ճակատի վրայ ալ շատ ծանր շրջան մը կ՚ապրի: Իր մեծամասնութիւնը պառակտըւած է եւ կառավա- րութիւնը կրնայ փուլ գալ որեւէ պահու: Ընդդիմադիր գլխաւոր դէմքը՝ Անթոնիս Սա մարաս կը պահան- ջէ իր հրաժարու մը եւ կանխահաս Պուրքիի ծաղրանկարը լոյս տեսած՝ զուիցերական «24 Ժամ» թերթին մէջ ընտրութիւններ:
բաց
նամակ գարեգին բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսին նուպար սերովբեան
4
«յուշամատեան» նոր կայքէջ
հարցազրոյց վահէ թաշճեանի հետ տորք դալալեան
Կեանքի
5
խոհեր
Պատրաստեց՝ անայիս-մելինէ
7
«երկիր եւ մշակոյթ»ի գործունէութիւններէն
8
մարզական
լուրեր
եդուարդ մարտիրոսեան
9
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՄԱՄՈՒԼԸ՝ ՈՍՏԻՆԱԿԱՊԵՏ ԱԼԻԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻն ՄԱՍԻՆ
1in լրատուական կայքը Նոյեմբեր 2ին կը հաղորդէր, թէ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայէն վերադարձին ոստիկանա պետին տեղեկացուցած է յառաջիկայ բուռն քաղաքական շարժումներու մասին եւ նախազգուշացուցած` պատ րաստ ըլլալու որեւէ զարգացման՝ նոյնիսկ մինչեւ ոստիկանական գոր ծողութիւններու ձեռնարկելու Գագիկ Ծառուկեանի եւ անոր շրջապատին դէմ: Զգալով, որ ոստիկանապետը դժկամութեամբ կ՚ընդունի յանձնա րարութիւնը՝ Սերժ Սարգսեան որոշած է ձերբազատուիլ Ալիկ Սարգսեանէն: Ամեն պարագայի, նախկին ոստիկանա պետը կը մնայ նախագահին խմբակին մէջ, քանի, ըստ որոշ լուրերու, անոր առաջարկած են տարածքային կա ռավարման նախարարի, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակա լի կամ անոր խորհրդականի պաշտօնը։ Ալիկ Սարգսեան յայտարարած է, որ (շար.ը էջ 2)
2 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5 ՄԱՄՈՒԼԸ՝ ՈՍՏԻՆԱԿԱՊԵՏ ԱԼԻԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ… (շար. Ա. էջէն)
ամեն ինչէն անկախ՝ մտադիր է մնալ Սերժ Սարգսեանի կողքին. “Ես ուրիշ ոչ
մէկի կողմը չեմ: Իրա հետ աշխատելու եմ մինչեւ վերջ, չաշխատեմ էլ՝ իրան հաւատարիմ, ես իրա կողքը լինելու եմ: Գործի չլինեմ էլ, գործից էլ հանի՝ իրա կողքը ծառայելու եմ մինչեւ վերջ”:
Այս առընչութեամբ «Հայկական Ժամանակ»ը Նոյեմբեր 2ին կը գրէր. «Ա-
լիկ Սարգսեան գոհ է, որովհետեւ ին- քը ոստիկանութիւնից տեղափոխուել է նախագահական նստավայր՝ խորհըրդականի կարգավիճակով: Մինչդեռ կարող էր ոստիկանութիւնից “ԵրեւանԿենտրոն” ՔԿՀ (Քրէակատարողական Հիմնարկ - ՆՅ) տեղափոխուել՝ կա լանաւորի կարգավիճակով, ինչը տեղի է ունեցել գնդապետ Մարգար Օհան- եանի եւ գեներալ Յովհաննէս Թա մամեանի հետ…»: Նոյն թերթը Հոկ
հայաստան
Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ Առայժմ պարզ չէ, թէ ով պիտի գրաւէ Ազգային Ժողովի նախագահի պաշտօնը: Նոյեմբեր 1էն լրատու միջոց ներուն մէջ կը շրջէր պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողո վի նախագահ, Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղե կավար՝ Դաւիթ Յարութիւնեանի անու նը: Սակայն Նոյեմբեր 2ին, Ազգային Ժողովին մէջ՝ լրագրողներու հետ ճե պազրոյցին, Դ. Յարութիւնեան ըսած է. “Ազգային Ժողովի նախագահի պաշ տօնը դեռեւս թափուր չէ: Դեռ առիթ կը լինի հարցի քննարկման, սակայն այս պահի դրութեամբ՝ նման քննարկում տե ղի չի ունեցել: Եթէ ձեզ հետաքրքրում են իմ նախասիրութիւնները, ապա դա ամենեւին չի մտնում իմ նախասիրու թիւնների մէջ, այդ պաշտօնով ես իս կապէս հետաքրքրուած չեմ: Կարծում եմ՝ քորեքթ չէ այս պահին քննարկել, բայց ես յուսով եմ, որ ինձ նման առա ջարկ չի ներկայացուի”։ Յարութիւնեան
տեմբեր 4ին կը ներկայացնէ հար ցազրոյց մը Ազգ. Ժողովի երեսփոխան Ռաֆիկ Պետրոսեանի հետ, որ բարձր կը գնահատէ նոր նշանակուած ոստի կանապետ Վլատիմիր (Վովա) Գաս պարեանի մասնագիտական կարողու թիւնները՝ յիշեցնելով, որ տակաւին 90ականներու առաջին կէսին, երբ կը բացառէ, թէ Յ. Աբրահամեանի Հայաստանի մէջ տարածուած էր աւա հրաժարականը տեղի կ՚ունենայ ներզակութիւնը, Գասպարեան “մուրացկա իշխանական հակասութիւններու պատնի շորեր հագած, տարբեր քաղաքնե ճառով՝ ըսելով, թէ եթէ այդ ըլլար րում որպէս հետախոյզ էր աշխատում պատճառը, ենթական նախընտրական եւ յայտնաբերում գողերին”: Իր կարգին, շտապի պետ չէր դառնար: նոր ոստիկանապետ Գասպարեան, քա «Առաւօտ» կը գրէր, որ քաղաքա նի մը օր առաջ պատասխանելով այն կան շրջանակներուն մէջ կը նշուի նաեւ հարցումին, թէ ինչ խնդիրներ պիտի Սամուէլ Նիկոյեանի անունը՝ որպէս դնէ իր առջեւ, ըսած է. “Ես շարունա Ազգային Ժողովի ապագայ նախագահ:
կելու եմ մեկնարկած բարեփոխումնե րը… Կը լինի օրէնքի գերիշխանու թիւն, եւ բոլորը կը լինեն հաւասար՝ օրէնքի առջեւ”:
NOR HARATCH
Journal trihebdomadaire en langue arménienne 83, rue d'Hauteville, 75010 Paris Téléphones : 01 55 32 06 72 09 52 14 33 69 contact@norharatch.com annonces@norharatch.com abonnement@norharatch.com Journal édité par SARL Nor Haratch Directeur de publication : Jiraïr Jolakian CPPAP : 1110 I 90193 ISSN : 2105-7672 Imprimé et distribué par SAS Inter Routage 49-55, rue des Écoles, 93321 Aubervilliers Cedex Prix d'Abonnement annuel (France) : 220 € Prix d'Abonnement annuel (Hors France) : 270 €
«շառլի-հեպտո»յի կայքէջին յարձակողները Թուրքեր են «Նուվէլ Օպսերվաթէօր» թերթին ղրկուած ելգիրով մը՝ կայքահէննե րու թրքական «Աքընճըլար» խմբակը, որու անդամները իրենք զիրենք կը հա մարեն սիպէր-ռազմիկներ, ստանձնած է «Շառլի-Հեպտո»յի կայքէջին դէմ գործուած յարձակումը: Խումբը յայտարարած է, թէ այդ քայլին դիմած է յանուն «բարոյական արժէքներ»ու եւ պատրաստ է ամեն բան ընելու՝ Իսլամի համար: Նշենք նաեւ որ «Աքընճըլար» թրքե րէնով կը նշանակէ «յարձակողներ»:
ՄԱՀ ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԷՆ ՀԱՆՐԻ ԳԱՐԱՅԵԱՆԻ Իր մահկանացուն կնքած է Միսաք Մանուշեանի ապրող վերջին ընկերնե րէն՝ Հանրի Գարայեան: Ինք եւս մեծ դիմադրական, Պատւոյ Լեգէոնի Ասպետի կոչումին արժա նացած էր:
Թաղումը կը կատարուի Նոյեմբեր 8, ժամը 11.15ին Իսի-լէ-Մուլինոյի գերեզ մանատան մէջ:
Վալանսի մէջ տեղի ունեցաԾ է Կոմիտասի կիսանդրիի բացումը Ֆրանսական Վալանս քաղաքի Ս. Սահակ եկեղեցւոյ բակին մէջ, Հոկ տեմբեր 23ին բացումը կատարուած է Կոմիտասի կիսանդրիին։ Հեղինակն է՝ ծանօթ քանդակագործ Թորոսը, որ բացման իր խօսքին մէջ նշած է, որ իր ստեղծագործութիւնը
կը նուիրէ մօր եւ Ցեղասպանութեան տառապանքը կրած բոլոր Հայերու յի շատակին։ Կիսանդրիի բացման արարողութե նէն առաջ Ս. Սահակ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է` ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի զոհերուն։
2011, Նոյեմբեր 5
2012ի նախագահական ընտրութիւններ
ՍԱՐՔՈԶԻ Եւ ՀՈԼԱՆՏ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔՈՒԷԻ ԿՌՈՒԱԽՆՁՈՐԻՆ ՇՈՒՐՋ «Մարիան» շաբաթաթերթը, Նոյեմ բեր 3ին, իր կայքէջին վրայ վերոնշեալ նիւթին նուիրուած եւ կացութեան բա ւական ամբողջական պատկերը տուող յօդուած մը զետեղած էր: Հեղինակը՝ Թեֆի Ատրիամանանա, նախ կ՚ընդգծէ, թէ Հանրապետութեան նախագահն ալ, Ընկերվարական կու սակցութեան թեկնածուն ալ, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրինագիծի գաղափարը պաշտպա նելով, կ՚ուզեն հրապուրել հայ քուէար կողը, սակայն երկուքն ալ այդ դիրքո րոշման ընդդիմադիրներ ունին իրենց ճակատին մէջ: Իշխանութեան գլուխ գտնուող մե ծամասնութեան վերջին նախաճա շին ընթացքին՝ Ֆրանսայի ղեկավարը կրկին պաշտպանած է Հայոց Ցեղաս պանութեան ժխտումը պատժող օրէն քին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս ար դէն ըրած էր Հոկտեմբերի սկիզբը Հա յաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին: Ծանօթ է, որ ընկերվարականներու նախաձեռնութեամբ պատրաստուած այդ օրինագիծը, որ վաւերացում ստա ցած է Ազգային Ժողովէն, ի զօրու չէ դարձած, որովհետեւ չէ վաւերացուած Ծերակոյտին կողմէ: Արդարեւ, մինչեւ հիմա կառավա րութիւնը կ՚ընդդիմանար այդ օրի նագիծին՝ ներկայ օրէնսդրութիւնը բաւարար գնահատելով: Բացի ատկէ, Սարքոզիի առաջնակարգ կուսակից ները կը մտածէին, թէ նման քայլ պի տի վնասէր Թուրքիոյ հետ յարաբերու թիւններուն, երբ ֆրանսական մեծ ըն կերութիւններ ներդրումներ կատարած են այդ երկրին մէջ: Յօդուածագիրը կը նշէ այլ մտավախութիւն մըն ալ, որ շատ աւելի դժուար «արդարանալի» կը թուի քան նախորդները. կը գրէ, թէ վախ կար նաեւ, որ այդպիսի օրէնք մը ընդունելով, Ֆրանսայի յարաբերու թիւնները կրնային վատթարանալ Գեր մանիոյ հետ եւս, ուր կ՚ապրի թրքական կարեւոր համայնք մը: Ատրիամանանա կը գրէ նաեւ, թէ Մեծամասնութեան պատասխանատուները կը մտածեն, թէ փորձել Հայերը հրապուրել՝ ամեն պա րագայի անօգուտ է, ի տես այդ բնա գաւառին մէջ Հոլանտի արդէն կտրած ճամբուն:
Ապա կը գրէ, թէ Ֆրանսայի մէջ ծա գումով Հայերու թիւը կը գնահատուի 500 հազար, բայց երբ նկատի առնուին զոյգ քաղաքացիութեան տէրերը, Հա յաստանցիները, որոնք քուէարկելու իրաւունք չունին, նաեւ անոնք որոնք միայն ծագումով հայ են բայց այլեւս գրեթէ կապ չունին հայութեան հետ, հարկ կ՚ըլլայ այդ թիւը լուրջ վերատե սութեան ենթարկել. այնուամենայնիւ, կ՚ըսէ լրագրողը, նորէն ալ անդին կը մնայ քուէարկողներու կոկիկ բազ մութիւն մը: Կը գրէ, թէ համայնքապաշտ Սարքո զիի շրջանակին մէջ, Աքուայէ եւ Պոքէլ արդէն յայտնեցին իրենց վերապահու թիւնը այս օրէնքին նկատմամբ: Բայց կայ իրմէ աւելի համայնքապաշտը՝ Հոլանտը, որ տարիներէ ի վեր լաւ յա րաբերութիւններ կը մշակէ ֆրանսա հայութեան հետ: Լրագրողը կը յիշեցնէ նաեւ, որ Ընկերվարական նախնական ընտրութիւններուն, Հ. Յ. Դաշնակցու
թիւնը իր զօրակցութիւնը բերաւ Ֆրան սուա Հոլանտին՝ ընդդէմ Օպրիի: Այս առթիւ կը յիշէ, որ Սեպտեմբե րի վերջաւորութեան Հոլանտ այցելեց Ալֆորվիլ, մասնակցեցաւ Դաշնակցու թեան կողմէ կազմակերպուած զօրակ ցութեան հանրահաւաքի մը, ուր ըն կերվարական թեկնածուն խոստացաւ, որ այլեւս ընկերվարական մեծամաս նութիւն ունեցող Ծերակոյտը պիտի քուէարկէ այդ օրինագիծը, որ հինգ տարի է սպասման մէջ է: Սակայն լրագրողը դիտել կու տայ, թէ օրինագիծին շուտով քննարկումը քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ՝ նկատի ու նենալով օրակարգին ծանրաբեռնուած վիճակը: Ընկերվարականները, որոնք Ծերակոյտէն ներս մեծամասնութիւն ձեռք ձգելու այս յաջողութեան կը սպա սէին, բաւական թղթածրարներ ունին սեղանին վրայ: Անոնցմէ գլխաւորն է օտարներու քուէարկութեան իրաւունք
| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 3
շնորհելու վերաբերողը, որու քննար կումը պիտի սկսի Դեկտեմբեր 8ին: Հոլանտի բարեկամներէն՝ ընկերվա րական ծերակուտականներու ղե կավար Ռեպսամէն կ՚ըսէ՝ “Կան ուրիշ նախապատւութիւններ: Կարելի պիտի չըլլայ Յունուարէն առաջ: Ժամանա կացոյցի հարց է”: Լրագրողը ապա կը ներկայացնէ Հո լանտի եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան սերտ յարաբերութիւնները որոնք սկսած են 2004ին: Բայց արդեօք իսկապէս նախագա հական թեկնածուի մը դե՞րն է տուեալ համայնքի մը դատը պաշտպանելը, հարց կու տայ լրագրողը ու կը շարու նակէ. Ֆրանսուա Ռեպսամէն այս մասին կ՚ըսէ, թէ Հոլանտի ըրածը մարդորսու թիւն չէ, այլեւ դիւանագիտութիւն: Ըն կերվարական ծերակուտականը կը յիշեցնէ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը “պայմաններէն մէկն է Եւ րոպական Միութեան Թուրքիոյ ան դամակցութեան”: Ռեպսամէնի կար ծիքով, նման օրինագիծի պաշտպա նութիւնը այլ բան չէ եթէ ոչ “ձեւով մը Թուրքիոյ պարտադրել, որ աշխատանք տանի ինքնիր վրայ”: Յօդուածագիրը ապա կը յիշէ, թէ Թուրքերը բնա՛ւ ալ չեն բաժներ այդ կարծիքը եւ բողոքի հարկ եղած բոլոր քայլերուն դիմեցին արդէն, իրենց դժգոհ ութ իւնը յայտնելու համար Հոլանտի վերջին խոստումներուն առթիւ: Վերջ աւ որու թեան, Ատրիամանանա կ՚անդրադառ նայ այլ երեւոյթի մը: Ակնար-կելով Հա յերուն, կ՚ըսէ, թէ Հոլանտի համակիրնե րը վրէժխնդիր չեն ու կը յիշէ, թէ անոր գլխաւոր երկու զօրակիցներէն Մոսքո վիսի 2008ին, Տէվէճեանի դիրքորոշու մը քննադատող արտայայտութիւններ ունենալով ըսած էր. “Չափը կ՚անցը նէ իր վարքով, յարձակողական կե ցուածքով (…) Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Հայ է: Որովհետեւ իրեն համար կարեւոր է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը”: Իսկ երկրորդը՝ Լանկ, 2009ին զայրա ցուցած էր Հայերը երբ տեսահոլովակի մը մէջ արտայայտած էր՝ «չակերտեալ Հայոց Ցեղասպանութիւն» խօսքերը: Բայց, կ՚ըսէ լրագրողը, Հայերու այսօր Հոլանտի ցոյց տուած զօրակցութիւնը լաւագոյն փաստն է, որ յաջող ներկա յացուցիչ մը կրնայ մոռցնել իր շրջա նակէն հնչած մանրուք նախադասու թիւնները:
4 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5
Ինքնամաքրման հրամայականը կամ ալ ձայն բարբառոյ յանապատի
Բաց նամակ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ՆՈՒՊԱՐ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ Վեհափա՛ռ Հայր, Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդա ցի 2011 Հոկտեմբեր 13ին «Նոր Յա ռաջ»ի մէջ լոյս տեսած «Հայաստանի Կրօնական Մթնոլորտը Բացայայտող Կարգ մը Հարցեր» խորագրով Ձեր հար ցազրոյցը : Ուշադրութեամբ կարդալէ ետք Ձեր խօսքերը, Ձեզի հետ սրտբաց զրոյց մը ունենալու մեծ ցանկութիւն մը յա ռաջացաւ մէջս, սակայն քանի որ այդ կարելիութիւնը չունիմ, որոշեցի «Նոր Յառաջ»ի միջոցաւ Ձեզ ներկայացնել իմ մտքերս եւ մտահոգութիւններս: Նախ եւ առաջ փորձեմ քանի մը տո ղերով ներկայացնել ինքզինքս: Ես, ազգիս համեստ զաւակներէն մէկն եմ, ինծի համար Հայաստանեայց Առա քելական Եկեղեցին (ՀԱԵ) ոչ թէ միայն ազգային արժէք եւ սրբութիւն է, այլեւ մեր ազգի ինքնութեան դարաւոր ողնա սիւնը : Ես մօտ 35 տարիներէ ի վեր կ’ապրիմ Ֆրանսայի Նիս քաղաքը, որ նոյնքան հրապուրիչ է որքան գայթակղեցնող: Մենք մեր քաղաքին մէջ ունինք Ցեղաս պանութենէն վերապրած առաջին սե րունդին կողմէ 1928 թուականին կա ռուցուած մատուռ մը որուն շուրջ մօ տաւորապէս երկու տարիէ ի վեր ծայր առած ճգնաժամը, ցաւօք, դեռ մինչեւ օրս կը շարունակուի ու հասած է նոյ նիսկ ֆրանսական իրաւական ատեան ները*: Սկզբնական շրջանին, Ֆրանսայի առաջնորդը նկատի առնելով ՀԱԵ շա հերը, ինչպէս նաեւ մեր ապրած երկրի կարգն ու կանոնը, փորձեց այս խնդի րը լուծել հաւասարակշիռ եւ կառուցո _____ * Այս տարուան Մարտ ամսուն, նկատի առնելով առկայ անհասկացողութիւննե րու ծալքերն ու դրդապատճառները, փորձեցի «Նոր Յառաջ»ի մէջ համես տօրէն ներկայացնել իմ կարծիքս Նիսի եկեղեցւոյ շուրջ ծայր առած տարօրի նակ եւ տարաբնոյթ անհաճոյ իրադար ձութիւններուն մասին:
ղական ոճով, ներընտանեկան փոխհասկացողութեան մթնոլորտի մը մէջ: Բայց եւ այնպէս որոշ անհատներու անյայտ եւ ոչ եկեղեցական գեր-շահերը խանգարեցին ճգնաժամի լուծումը. եւ ինչպէս գիտէք՝ հասցուցին այսօրուան ցաւալի կացութեան, ֆրանսական իրա ւական ատեաններու առջեւ տանելով խնդիրը։ Եթէ կայ հայրենիքի մէջ անկախու թենէն ի վեր ահաւոր աղանդաւորա կան մոլորեցուցիչ շարժում, Սփիւռքի այս անկիւնին մէջ մենք կ՚ապրինք մեծ մասամբ ապազգային եւ ապաքրիստո նէական մարդոցմով շրջապատուած միջավայրի մը մէջ: Տարաբնոյթ մտածելակերպեր եւ դա ւանանքներ իրենց ահռելի աւերը գոր ծած են մեր համայնքներէն ներս, եւ ՀԱԵ-ն մեր ժողովուրդին մէջ շատ յա ճախ չ՚ընկալուիր իր ճշգրիտ իմաստով, եւ դարձած է լոկ ծիսական ձեւակեր պութիւն: Սա՛ է Նիսի ցաւալի միջադէպերու հիմնական պատճառներէն մէկը, բայց ո՛չ միակը, եւ մենք՝ իբր եկեղեցական սրբութիւններ պաշտպանողներս, բո լորս ենք մեղաւոր։ Հիմա սրտանց կ՚աղօթենք որ մօտ ապագային Նիսի ՀԱԵ եւ իր թեմական կառոյցը գոնէ օր առաջ գտնէ իր անդորրը եւ կարենայ իրագործել իր ազգօգուտ առաքելու թիւնը, խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ: Մեղքը հակաեկեղեցական անձերու կամ միջավայրի մէջ փնտռելէ առաջ, նախ եւ առաջ քննենք մենք զմեզ, թէ արդեօք ո՞ր աստիճանի առողջ ենք դի մագրաւելու համար մեր դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, այսօր եւ ապա գային: Եթէ մեր միտքն ու մարմինը, այսինքն մեր եկեղեցական ամբողջ կառոյցը պէտք եղածին չափ առողջ է, ուրեմն մենք երբեք չենք վարակուիր օտար եւ չարչարող մոլութիւններէ:
ւօք սրտի, ամեն Աստուծոյ օր ակա նատես ենք մեր հայրենաբնակ ազգի խոր աղքատութեան, արտագաղթին, եւ ամենացաւալին՝ մեր ժողովուրդը կորսնցուցած է վստահութիւնը իր երկրի, իր ապագայի, ինչպէս նաեւ իր եկեղեցւոյ նկատմամբ: Ինչպէս մեր երկրի ժողովուրդի գե րակշի՛ռ մեծամասնութիւնը, նոյնպէս ալ ֆրանսահայ երիտասարդ սերունդը ընդհանրապէս հակակրօնական եւ մասնաւորապէս հակահոգեւորական տրամադրութիւններու մէջ են, որով հետեւ ոչ միայն երկար տասնամեակ ներ զրկուած են հոգեւոր եւ կրօնական դաստիարակութենէ՝ բայց նաեւ չեն ունեցած իրենց կոչման վայել հոգեւո րականներ: Առաւել եւս, այս վերջին երկու տաս նամեակներուն, մեր հայրենիքը հազիւ ազատած սովետական անաստուած գաղափարախօսութենէն, ինկած է վայրի կապիտալիստական համակար գի մը ճիրանները, որ նոյնքան կ՚անտե սէ Աստծոյ խօսքը եւ քրիստոնէութեան սկզբունքները, եւ ափսոս, ահա կրկին կ՚իշխեն ուժային յարաբերութիւնը, նիւթապաշտութիւնն ու անձնապաշ տութիւնը: Այսօր մեր հանրութեան բազմաթիւ խաւերուն ու ազգային կառոյցներուն մէջ քրիստոնավայել ապրելակերպի եւ խղճի փոխարէն կը տիրէ բացար ձակապէս «պիզնեէս»ի հասկացողու թիւնը: Այս պատճառով, այս իրավիճակէն դուրս ելլելու համար մենք բոլորս, ամե նուրէք կարօտը ունինք ընդհանրապէս մարդավայել ու քրիստոնավայել հանրութեան եւ ամենակարեւորը՝ նոյնա տիպ հոգեւորականի մը կերպարին:
Վեհափա՛ռ Հայր, Հաւատացէք, ես անգիտակից չեմ Ձեր կրած ծանր պատասխանատ ւութեան, եւ շատ յաճախ կը փորձեմ երեւակայել Ձեր Աթոռի պատասխա նատւութեան ծանրութիւնը: Այս իրավիճակէն դուրս ելլելու հա մար, ճի՛շդ է որ պէտք են նիւթական միջոցներ, կազմակերպչական ամուր կառոյց, պետական հովանաւորութիւն: Շատեր լաւ կը ճանչնան ձեր վարչական կարողութիւնները ու նուիրատւու թիւններ հայթայթելու յատկութիւնը. բայց ի՞նչ իմաստ ունին նորակառոյց եկեղեցիները, կառոյցները, եւ կալւածները, եթէ մենք տակաւին չենք կա րողացած կառուցել մեր ժողովուրդի Վեհափա՛ռ Հայր, Ինքնախաբէութեան կարիք չկայ եւ հոգիներու եկեղեցին: Առաւել եւս, անշուշտ հասկնալի է, պէտք է խոստովանիլ թէ այսօր, ցա
2011, Նոյեմբեր 5
թէ որպէսզի կարենաք յաջողցնել Ձեր ստանձնած առաքելութիւնը՝ Դուք նկատի պիտի առնէք նաեւ տարաբնոյթ նրբութիւններն ու երկրի օրուան քաղաքական իշխանութիւններու դիր քորոշումները: Բայց Վեհափա՛ռ Տէր, չէ՞ որ Դուք Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց 132րդ Կաթողիկոսն էք, այլ ոչ թէ մեր երկրի ժամանակաւոր իշխա նութիւններուն «կրօնական գործերու նախարարը»։ Մեր աշխարհասփիւռ եւ մասնա ւորապէս հայրենաբնակ ժողովուրդը կարօտն ունի իր Վեհափառ Հօր ար դարատենչ եւ ճշմարիտ խօսքին եւ շունչին, ամենուրէ՛ք. ոչ միայն ցան կութիւններու ոճով կամ լոզունգներով՝ այլեւ իր ամուր եւ ուղիղ կեցուածքով. ոչ միայն երեւելիներու շրջապատի մէջ՝ այլեւ մեր ազգի ամենահասարակ, սո վորակա՛ն զաւակներու սրտերուն մէջ: Ներկայիս մեր ժողովուրդը օրինակե լի ու իսկակա՛ն հովուապետի պէտք ունի, ժողովուրդի ցաւերը կիսող ու հայրական սիրով ու իմաստութեամբ ճիշդ ուղին ցոյց տուող առաջնորդի մը: Վեհափառ Տէր, վստահ եղէք եթէ դուք հայրական սիրով գրաւէք մեր սրտերը, մենք պատրա՛ստ ենք ձեզի հետեւելու: Վերջապէս, նամակս աւարտելէ առաջ, պահ մը կրկին վերադառնանք ֆրանսահայ մեր իրականութեան: Ու շացած՝ բայց շատ ճիշդ որոշում էր Ֆրանսայի թեմի ստեղծումը: Թեմ ըսե լով՝ մենք նկատի ունինք, գործակցու թեան նոյն ոգին ֆրանսայի 22 եկե ղեցիներուն եւ ծուխերուն հետ: Բայց իմ համեստ կարծիքով՝ նոյնիսկ եթէ Նիսի կնճռոտ հարցը օր մը լուծուի ի նպաստ մեր եկեղեցւոյ, եթէ Ֆրանսայի թեմը չյաջողի բովանդակութիւն տալ իր առաքելութեան, թեմը պիտի մնայ միայն թուղթի վրայ գրուած կանոնագրութիւն։ Ո՞րն է ուրեմն բալասանը որ պիտի մարմնաւորէ եւ իսկական հոգի տայ Ֆրանսայի մեր թեմին: Պատաս խանը՝ գոնէ իմ կարծիքով, շատ յստակ է: Նախ եթէ ֆրանսահայ եկեղեցին չմաքրուի անցնող տասնամեակներու իր կեղտերէն, շատ դժուար պիտի ըլ լայ մեր նոր կառոյցին թռիչք առնելն ու նուաճումներու հասնիլը: Այսօրուան պատասխանատուները որքան ալ ճիգ թափեն, չեն կրնար կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ վերցնել մեր եկեղեցւոյ շուրջ տասնամեակներ տե ւած անյարիր եւ անբարոյ երեւոյթները: Մաքուր, հայրենասէր եւ եկեղեցա սէր Ֆրանսահայու յիշողութենէն դեռ վերջնականապէս չեն սրբուած
| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 5
ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՋ
«ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ» ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՀԱՅԱԲՆԱԿ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ
ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ՀԵՏ 2010 թուականէն ի վեր Պէրլինի մէջ կը գործէ «Յուշամատեան» միութիւնը, որու ծրագիրներէն հիմնականը նոյնանուն կայքէջին ստեղծումն էր՝ որպէս ժամանակակից Թուրքիոյ նախկին հայահոծ բնակչութեամբ տարածքներուն վերաբերեալ հանրագիտական շտեմարան։ Այսօր արդէն կայքէջը իրականութիւն է եւ կը գտնուի զարգացման ու կատարելագործման փուլին մէջ (www. houshamadyan.org)։ Կայքէջին առընչուող տարաբնոյթ խնդիրներու շուրջ հարցազրոյց մը ունեցանք ծրագրի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր, պատմաբան Վահէ Թաշճեանի հետ։ Հ.- Պարոն Թաշճեան, ե՞րբ եւ ինչ- ուսանողական տարիքին է, որ այս աշ պէս յղացաք կայքին գաղափարը։ Ո՞րն խարհին հետ սերտ կապի մէջ մտած ենք, բայց այսօր շատերու նման մենք է գլխաւոր նպատակը։
Պ.- Օսմանեան կայսրութեան Հա յերու պատմութեան ու անոնց առօրեայ կեանքի զանազան երեւոյթներուն նոր արժէք մը տալու գաղափարը արդէն տարիներէ ի վեր կար իմ ու կարգ մը մտերիմներու միտքին մէջ. ներկայաց նել օսմանեան Հայերու առօրեայ կեան քը, անոնց ընկերային միջավայրը, տե ղական պատմութիւնն ու մշակոյթը։ Հարցը այն էր, թէ ի՞նչ ձեւով ներկայաց նել այս բոլորը։ Գաղափարը կը քննէինք տարբեր-տարբեր մասնագիտութիւննե րու տէր մարդոց հետ։ Համացանցը այս իմաստով անխուսափելի նկատուեցաւ Ի վերջոյ, կ՚ապրինք նոր ժամանակնե րու մէջ։ «Յուշամատեան»ը յղացողնե րը գրեթէ նոյն սերունդի մարդիկ են։ Մեր առաջին քայլերը համակարգիչնե րու աշխարհին մէջ չենք առած՝ միայն
հանգստեան կոչուած բայց տակաւին հրապարակէն չքաշուած կամ մինչեւ օրս սպասարկող՝ - Անբարոյ հոգեւորականի տիպարը, - Ծոյլ եւ մակաբոյծ ծխական խոր հուրդի անդամը, - Ազգային եւ անձնական քսակնե րը կամայ թէ ակամայ շփոթող, բայց եւ այնպէս իրենց կուրծքերուն վրայ բարձր ատեաններու պատուոյ շքան շանները կրող բարերարները։ Վեհափա՛ռ Հայր, Ինչպէս Դուք կ՚ըսէք, մեր հոգու փրկութեան ճամբան ստիպողաբար
ալ այս աշխարհին մէջ խորացած ենք ու կը գիտակցինք անոր դերին ու միահե ծանութեան։ Ուրեմն մտածեցինք, որ անկարելի չէ նաեւ գիտական լուրջ նիւթ մը, լուրջ ծրագիր մը ներկայաց նել՝ ամբողջովին համացանցով։ Հ.- Առաջինը ըլլալու վախը կամ վերապահութիւնը չկա՞ր։
Պ.- Անշուշտ, արկածախնդրութիւն կար մեր այս քայլին մէջ, քանի որ մեր ծրագիրը ընդարձակ է, եւ միաժա մանակ՝ զայն պէտք չէր ներկայացնել բարդ ձեւով։ Կայքէջ մը երբ կը ստեղ ծուի, զայն առաջին հերթին պէտք է հա ղորդական, հմայիչ, պարզ ու գործնա կան դարձնել։ Երբ այս կէտերէն մէկն ու մէկը պակաս է կամ թերի, կայքէ ջի ծրագիրը շատ արագ կը ձախողի։
կ՚անցնի ինքնամաքրման կարեւոր հանգրուանէն: Մենք իբր հասարակ մահկանացու ներ՝ դատաւորներ չենք, բայց եւ այնպէս անհամբեր կը սպասենք ձեր արդար կամքին ու ձայնին, որպէսզի մեր ազ նիւ եկեղեցասէր հայորդիները կրկին վերադառնան հին աղտերէն մաքրը ւած առողջ եկեղեցական եւ հայկական միջավայր: Եթէ ոչ մեր խօսքը պիտի մնայ ձայն բարբառոյ յանապատի։ ՆՈՒՊԱՐ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ 2011 Հոկտեմբեր, Նիս
6 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5 Այսպիսի ձախողութիւններով լեցուն է համացանցը։ Կը կարծեմ, որ գոնէ մեր այս առաջին մարտահրաւէրին մէջ մեծ մասամբ յաջողած ենք, եւ «Յուշա մատեան»ը իր ձեւաւորումով ու պար զութեամբ յաջողութիւն մըն է։ Հ.- Կը պատմէ՞ք, թէ ո՛րոնք են նա խաձեռնողները, եւ ի՛նչ աշխատակազմ ունիք։
Պ.- Ծրագրին յղացումին յաջորդեցին շարք մը գործնական քայլեր, որոնք կոչւած էին ամուր եւ վստահելի հունի մը մէջ դնելու մեր երթը։ Առաջին առի թով, 2010ին, Պէրլինի մէջ հիմնուեցաւ «Յուշ ամ ատեան» ոչ-շահ ութ աբ եր միութիւնը, որ փաստօրէն ամբողջ մեր ծրագիրը տնօրինողն է։ Միութեան նա խագահն է Էլքը Հարթմանն, իսկ փոխնախագահ՝ Մելինէ Փեհլիւանեան։ Կայ քէջը ներկայիս՝ լիաժամ դրութեամբ մէկ պաշտօնեայ ունի, ունի ձե ւաւորումի եւ համակարգչային մասնագէտ մը որ կը վարձատուի, հայերէն-անգլերէն թարգմանիչ, յօդուածագիր աշխատակիցներ։ Մեր նպատակն է՝ կազմը աւելի ընդլայնել եւ մեր աշխատանքնե րուն աւելի արագ կշռոյթ մը տալ։ Բայց այս, անշուշտ, կը պահանջէ նիւթական յաւելեալ միջոցներ, դրամական նոր աղբիւրներ։ Հ.- Իսկ ներկայիս աջակից ներու մասին կրնա՞ք տեղեկու թիւններ տալ։
Պ.- Պէտք է շեշտել, որ մին չեւ այսօր մեր ֆինանսաւոր ման աղբիւրները անհատական նուիրատւութիւններն են։ Ու նինք գլխաւոր նուիրատու մը, որ համաձայնած է հինգ տարինե րու վրայ նիւթապէս աջակցիլ ծրագրին։ Տարեկան դրութեամբ կատարուող՝ անոր դրամական փոխանցումները ամեն տա րի կը լրացնեն մեր տարեկան պիւտճէին մօտ 65%ը։ Այլ խօս քով՝ դրամական աջակցութիւննե րու կարիքը տակաւին մեծ է։ Նոյնպէս աջակցութիւն կը համարեմ բոլոր այն քաջալերական նամակնե րը, զորս կը ստանանք մեր այցելունե րէն։ Եթէ այս ծրագիրը մեզի համար, առաջին հերթին, պատմագիտական անհրաժեշտութիւն մըն էր, հիմա ար դէն համոզուած կրնամ ըսել, որ ամ բողջ հանրութեան մը համար այս մէկը նաեւ մշակութային ու ժառանգական կարիք մըն էր։ Կը զգանք, մեր այցելու ներու արձագանգները կը վկայեն, որ
մեր կայքէջը այս իմաստով կամուրջի դեր մը կը խաղայ անցեալին ու ներկա յին միջեւ՝ հինին, մոռցուածին ու ան տեսուածին ու այսօրուան միջեւ։
քան ալ որ մեր առօրեան հեւքոտ ըլլայ, աշխատանքին ստեղծած գոհունակու թիւնը կարծեմ ամենէն կարեւորն է։ Այս է, որ կը ստեղծէ դրական մթնոլորտ մը՝ ներկայ ու գալիք դժուարութիւններուն Հ.- Ի՞նչ դժուարութիւններու եւ խո դէմ դնելու նպատակով։
չընդոտներու հանդիպեցաք աշխատան քի ընթացքին։
Պ.- Դժուարութիւններ եւ խոչըն դոտներ, կը կարծեմ, որ միշտ կան «Յուշամատեան»ի օրինակով ըն դարձակ ծրագիրներու համար։ Նիւ թական դժուարութիւններ, որակեալ աշխատակիցներու որոնում՝ կարծեմ բաներ են, որոնք ծրագրին ամբողջ տեւողութեան ալ գոյութիւն պիտի ունենան։ Բայց կարեւորը՝ ծրագրին նկատմամբ իմ ու գործակիցներուս խանդավառութիւնն է։ Յաճախ այն տպաւորութիւնը ունինք, թէ կորսուած բան մը, մոռցուած բան մը կառուցե
Հ.- Որո՞նք են ձեր տեղեկութիւններու հիմնական աղբիւրները։
Պ.- Հիմնական աղբիւրները 1930ական թուականներէն սկսեալ՝ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ լոյս տեսած յուշամատեաններն են։ Այ սինքն՝ այն գիրքերը, որոնք Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ զանազան գիւղերու կամ քաղաքներու հայրենակ ցական միութիւնները կը հրատարա կէին Սփիւռքի մէջ՝ իրենց հայրենի բնակավայրին յիշողութիւնը անմար պահելու նպատակով։ Այս գիրքերը յա ճախ գրուած են ոչ-արհեստավարժնե րու կողմէ, բայց եւ այնպէս՝ մեր ծրագրին սկզբնաղբիւրներն են՝ նկատի ունենալով, որ մեծապէս հարուստ են անցեալ ժառան գութեան վերաբերող ամեն տե սակ տեղեկութիւններով։ Կան նաեւ այլ հրատարակութիւններ՝ 19րդ դարուն տպուած՝ Հայերու յուշեր, հանդէսներ, Հայաստանի մէջ տպուած մասնագիտական գործեր, որոնք բոլորն ալ օգտա կար են մեր ծրագրին։ Հ.- Արդեօք այս աղբիւրները հասանելի՞ են։
Պ.- Այստեղ պէտք է նկատի ունենալ, որ ծրագրին բուն նպա տակներէն մէկն ալ՝ հայկական աղբիւրները արժեւորելը եւ զա նոնք ոչ-հայախօս հանրութեան մատչելի դարձնելն է։ Այսինքն՝ «Յուշամատեան» կայքէջին ճամ բով կը ձգտինք ներկայացնել օս մանեան Հայերու կեանքը՝ հիմ նուած հայատառ աղբիւրներու վրայ։ Համոզուած ենք նաեւ, որ մեր այս նախաձեռնութիւնը պի տի նպաստէ Օսմանեան պատ մութիւնը բազմակրթանք ու լու եւ վերակառուցելու ընթացքին մէջ սումնասիրութեան ենթարկելու ընդհա ենք։ Այս մէկը կ’ընենք՝ թեքսթեր գրե նուր ճիգերուն։ լով, հին լուսանկարներ հաւաքելով, ձայնագրութիւններ կեանքի կոչելով, Հ.- Արդեօք կարելիութիւն ունի՞ք ֆիլմեր գտնելով։ Կառուցելու այս գոր ստուգելու կայքին յաճախորդներու թի ծընթացին կը մասնակցին նաեւ «Յու ւը՝ ըստ օրերու եւ աշխարհագրական շամատեան»ի բարեկամները, կայքէջին վայրերու։ այցելուները՝ իրենց ուղարկած նիւթե Պ.- Այո՛, համացանցային արհեստա րով, փոխանցած տեղեկութիւններով։ գիտութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ Մէկ խօսքով՝ համագործակցային ծրա մեզի այս ձեւի «գաղտնիքներ» գիտնա գիր մըն է։ Եւ վերջաւորութեան, որ լու։ Միջին հաշուով՝ օրական 150էն 200
2011, Նոյեմբեր 5
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 7
Մահ ծանօթ դաշնակահար րաֆֆի պետրոսեանի
(1875-1957)
ԿԵԱՆՔԻ ԽՈՀԵՐ
Ֆրանսահայ ծանօթ արուեստագէտ, դաշնակահար Րաֆֆի Պետրոսեան իր մահկանացուն կնքած է Հոկտեմբեր Ոչինչ է մարդը՝ փոշի փոշու մէջ, 27ին Փարիզեան շրջանին մէջ, 86 տարեկանին: Իր ցաւը, սակայն, տիեզերքից մեծ: Ծնած էր 1925ին, Ֆրանսա: Մասնա 1947 Նոյեմբեր 9, Երեւան գիտական իր կրթութիւնը ստացած է *** Փարիզի Երաժշտանոցին մէջ: Աշակեր տած է փրոֆ. Ռեմոն Դիպերժին: Հազիւ Արեւի տակ սոսկ մի օր է լինելու, 9-10 տարեկան հասակին՝ համերգներ Որ ինձ համար բախտաւոր է լինելու, տուած է եւրոպական շարք մը քաղաք Բայց այդ օրը զգալու չեմ ես, աւա՜ղ, որովհետեւ մեռած օրս է ներու մէջ: Երաժշտանոցը աւարտելէ լինելու: ետք համերգներ տուած է Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Անգլիոյ, Ամե 1932, Փարիզ րիկայի, Պարսկաստանի, արաբական *** որոշ երկիրներու, Հնդկաստանի, Փա քիստանի եւ այլ երկիրներու մէջ: Հռչա Ապրած իմ կեանքից կաւոր ղեկավարներու հետ նուագած է Մի սուրբ երազի Լիսթի, Պէթհովէնի՝ դաշնակի համար Բուրմունքը մնաց քոն չերթօները, նաեւ Արամ ԽաչաՍրտումս անմոռաց — տ ը րեանի եւ այլ հայ յօրինողներու Այն որ՝ ջերմ լացի ստեղծագործութիւններ: Առանց տանջանքի,
(Նոյեմբեր 1ի առիթով՝ ննջեցելոց յիշատակին) Տիեզերքն այս անսահման Իր ծանրութեամբ ահագին Կախուած է սոսկ մի մազից,— Եւ այդ մազն է իմ հոգին: 1932, Փարիզ
*** Շա՛տ եմ տանջուել այս աշխարհում, Շա՛տ եմ լացել այս աշխարհում, Այն աչքերը, որ չեն լացել, Բան չեն տեսել այս աշխարհում: 1954
*** Հեռու անտառում ծաղկում է հպարտ, Ցնծում է զուարթ այն կաղնին հիմա, Որ պիտի դառնայ դագաղըս մի օր: Եւ մահըս մօտ է, մօտիկ է ա՜յնքան, Որ ամեն անգամ հոգուս ականջով Լսում եմ կաղնու սօսափիւնը խոր… 1928 Մայիս 28, Երեւան
*** Ամեն ինչ ունայն, երազ անցաւոր, Աստղ էլ որ լինես՝ պիտ՚ հանգչիս մի օր:
այցելուներ ունինք։ Այցելուներու մե ծագոյն խումբը Միացեալ Նահանգնե րէն է։ Ապա կու գայ Թուրքիան, ուրկէ մեր կայքէջը այցելողները յաճախ ներքին գաւառներու բնակիչներ են։ Այսինքն՝ բնակիչները այն վայրերուն, որոնք «Յուշամատեան» ծրագրին հետազօ տութեան առարկաներն են։ Երեւոյթը կարեւոր է ու հետաքրքրական։ Այնպէս որ, ժառանգային ու մշակութային այս կարիքը կը վերաբերի նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն։ Համոզուած եմ, որ անոնք եւս կ’ուզեն իմանալ այս ան ցեալին, կ’ուզեն կարդալ այս մասին թեքսթեր, տեսնել նկարներ, լսել երգեր ու պատմութիւններ։ Այս բոլորը մեզ մղած են նաեւ մեր կայքէջին թրքերէն տարբերակը առաջնահերթութիւն մը համարելու։ Կը փնտռենք դրամական աղբիւրներ՝ կայքէջին թեքսթերը թրքե րէնի թարգմանելու համար։
Խորունկ սիրեցի Առանց տենչանքի… 1907, Թիֆլիս
Պատրաստեց՝
ԱՆԱՅԻՍ ՄԵԼԻՆԷ
գացումը կ’ապրի։ Անիկա շաբաթէ շա բաթ աւելի հանրաճանաչ կը դառնայ, վստահութիւն մը կը հաստատուի մեր ու մեր այցելուներուն միջեւ։ Այս բանը կը նպաստէ, որ հետզհետէ աւելի շատ նիւթեր ստանանք նոյն այս այցելու ներէն։ Ասկէ զատ, մեր աշխատանքին առումով՝ արդէն իսկ գրեթէ աւարտած են մեր առաջին բնակավայրին՝ Բալուի (քաղաքն ու գիւղերը) մասին աշխա տանքը. բոլոր նիւթերը արդէն առցանց են։ Այժմ նիւթեր կը ներկայացնենք Մա րաշի շրջանին մասին։ Շուտով նիւթեր պիտի ներկայացնենք Վանի ու Խար բերդի մասին։ Բացի կայքէջէն, «Յու շամատեան» միութեան ծրագիրնե րուն մէջ կան նաեւ ցուցահանդէսներ, գիրքի հրատարակութիւններ։ Բայց ասոնք արդէն յետագայ ծրագիրներ են. առայժմ կեդրոնացած ենք մեր կայքէ ջին վրայ։
Խորհրդային շրջանին այցելած է նաեւ Երեւան եւ Հայֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ տուած է համերգներ, նը ւագած է Պախի, Սքարլաթթիի, Լիսթի, Շոփէնի, Սքրիապինի եւ այլ յօրինողնե րու գործերը, ինչպէս նաեւ Ա. Խաչատըրեանի «Թոքքաթա»ն: Նշենք նաեւ որ ողբացեալը 70-80ական թուաններուն, փարիզահայ արւեստի շրջանակի հանրածանօթ այլ դէմքի մը՝ Գրիգոր Համբարձումեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած՝ ՔԱԹ ՐԱ արուեստասէրներու խմբակին կազ մակերպած գեղարուեստական ձեռ նարկներուն անշրջանցելի դէմքն էր: Րաֆֆի Պետրոսեանի յուղարկա ւորու թիւնը կատարուած է Նոյեմբեր - Ձեզի կը մաղթենք բարեյաջող ըն 3ին, փարիզեան շրջանի Պրի-սիւռՀ.- Ի՞նչ հեռանկարներ եւ զար թացք եւ նոր նուաճումներ։ Մառն քաղաքը, ընտանեկան սեղմ գացման ծրագիրներ կը տեսնէք՝ կայ քին առընչուող։ Հարցազրոյցը վարեց՝ շրջանակի մէջ եւ մարմինը ամփոփուած՝ Պ.- Կայքէջը արդէն իր բնական զար ՏՈՐՔ ԴԱԼԱԼԵԱՆ տեղւոյն գերեզմանատունը:
8 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5 «ԵՐԿԻՐ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ կատարած վերանորոգութեան աշխատանքներէն ետք՝
ՍԻՒՆԻՔԻ ԵՂՎԱՐԴ ԳԻՒՂԻ սուրբ աստուածածին եկեղեցին այժմ գործօն եկեղեցի է եւ կը սպասէ իր մնայուն քահանային «Նոր Յառաջ»ի թիւ 283ին մէջ, Եր կիր եւ Մշակոյթ Կազմակերպութեան Հոկտեմբեր 30ին կայանալիք տե ղեկատուական հաւաքոյթին վերաբերեալ գրութեան կից, հրատարակած էինք Եղվարդի եկեղեցւոյ լուսանկա րը։ Սակայն սխալած էինք պատկերին ընտրութեան ժամանակ, հրատարա
կելով Արագածոտնի Եղվարդ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյն լու սանկարը։ Արդարեւ, Հայաստանի մէջ կայ Եղվարդ անունով երկու գիւղ։ Գրութեան մէջ նշուածը՝ Սիւնիքի հա րաւային մասը գտնուողն է, որուն եկե ղեցին ալ նոյնպէս կը կոչուի Սուրբ Աստւածածին։ Խնդրոյ առարկայ սխալը ուղղելու առիթով համառօտ տեղեկութիւն մը կու տանք նաեւ Սիւնիքի Եղվարդ գիւ ղին, եւ անոր եկեղեցւոյն նորոգութեան մասին։ ***
Տապանաքար մը, գիւղէն քիչ մը դուրս, միջնադարեան գերեզմանոցին մէջ
Եղվարդ գիւղը կը գտնուի Կապանի հիւսիսը, 1135 մեթր բարձրութեան վրայ։ Բնակչութիւնը, մօտաւորապէս 350 հոգի, կը զբաղի հողագործութեամբ եւ անասնաբուծութեամբ։ Եղվարդ, Դաւիթ Պէկի զինակիցներէն Թորոս Իշխանին գիւղն է։ Անոր տա պանաքարը կը գտնուի գիւղի եկե ղեցիին քովը։ Երկիր եւ Մշակոյթ կազմակեր պութիւնը, գիւղացիներուն փափաքին հետեւելով, 2007 թուականին յանձն առած է գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին նորոգութիւնը։ 1700 թը ւականին կառուցուած եկեղեցիին շուրջ կը գտնուին հին տապանաքարեր,
Եղվարդի եկեղեցին վերանորոգութենէն առաջ՝ 2007ին
խաչքարը՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ
ինչպէս նաեւ 13րդ դարու խաչքար մը։ Նորոգութեան ժամանակ, պատերուն մէջէն հանուած են երկու այլ տա պանաքարեր եւս։ Եկեղեցիին նորոգու թիւնը եւ շրջապատին կարգաւորումը աւարտած է 2011ի ամրան եւ Օգոստոս 20ին ալ կատարուած՝ անոր վերաբա ցումը։ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին այժմ գործօն եկեղեցի է եւ կը սպասէ իր մնայուն քահանային նշանակո ւելուն։ Մինչ այդ, Կապանի կղերական ները կ՚ապահովեն ծիսակատարու թիւնները։ Նորոգութիւններէն առաջ Եղվար դի եկեղեցւոյ շրջակայքը կատարւած հնագիտական աշխատանքներով յայտնաբերուած են 13-14րդ դարերու գերեզմանոցներ։ Պեղումները դեռ կը շարունակուին։
Վերանորոգութենէն ետք՝ 2011ին
2011, Նոյեմբեր 5
ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
ԿՌՓԱՄԱՐՏ Աղջիկներու Եւրոպայի ախոյեանու թեան մրցումներուն, որոնք տեղի ունե ցան Հոկտեմբեր 17էն 22 Ռոթերտամի մէջ, Հայաստանէն Արմինէ Սնապեան
Արմինէ Սնապեան
րութիւնեանէ, Արման Միքայէլեանէ եւ Զոհրա Ապրեսեանէ: Հայրենի խումբը առաջատար դիրքի վրայ կը տանէր մրցաշարքը մինչեւ 8րդ փուլ: Երրորդ եւ չորրորդ տեղերը գրաւեցին Իրան եւ Ազէրպայճան: Նշենք, որ Հայաստան ախոյեան դարձած էր 2010ին, իսկ 2009ին՝ գրաւած էր երրորդ դիրքը: ՖՈՒԹՊՈԼ Ֆրանսահայ երկու ակումբնե րը՝ Մարսիլիոյ Է.Իւ.Ժէ.Ա. Արծիւը եւ Իւ.Ժէ.Ա. Լիոն-Տէսինը, որոնք Պատուոյ դասակարգին մէջ կը մրցին, որակուե ցան Ֆրանսայի Բաժակի 7րդ շրջանին, յաջորդաբար դուրս ձգելով՝ Փէնը (որ կը մրցի Միջերկրականի լիկայի Պատուոյ դասակարգին մէջ) 5-1 արդիւնքով, եւ Գրէյս-Մորեսթէլը (Շրջանային Պատ§ ւոյ Փրոմոսիոն դասակարգ) 3-1 ար դիւնքով:
-64 քկ. դասակարգին մէջ նուաճեց արծաթեայ մետալ, մինչ իր հայրե նակիցները՝ Հայկուհի Նահապետեան (51 քկ.), Կարինէ Գէորգեան (57 քկ.) եւ Աշխէն Սիմոնեան (75 քկ.) մրցաշար քէն դուրս մնացին 1/8րդ աւարտական ներուն: Երեւան ծնած 26ամեայ Արմի ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ նէ Սնապեան կը բնակի Շուէտ, որու Արգիլեալ խթանիչներու գործա ախոյեան դարձած էր Փետրուար 6ին, ծութեան պատճառով չինացի Հուի Սանսվալի մէջ: Լիայոյի (կախակայուած՝ մինչեւ 2014 Սեպտեմբեր 30) եւ ռումանացի Նինէլ Միքոլեսքույի (յանցանքի կրկնութեան ԲԱԶԿԱՄԱՐՏ Հայաստանէն Վլատիմիր Մնացական- պատճառով՝ ցկեանս կախակայուած) եան հանդիսացաւ բազկամարտի «Նէ անատակ (disqualifiés) հռչակուե միրոֆ» համաշխարհային բաժակի լէն ետք, 69 քկ. դասակարգի 2010ի մրցաշարքի յաղթական: Մրցումները ախոյեանութեան տիտղոսը տրուեցաւ տեղի ունեցան Հոկտեմբեր 13էն 15 Լե թուրք Մեթէ Պինային, որ բարձրացու հաստանի մէջ: Մնացականեան ախոյ- ցած էր 335 քիլօ: Այսպէսով՝ երկրորդ եան դարձաւ աջ բազուկով՝ 70 քկ. դա տեղն ալ գրաւեց Ռուսաստանէն Ար սակարգին մէջ, եւ երկրորդ՝ ձախ բա մէն Ղազարեան 329 քիլօ արդիւնքով (148+181): զուկով: +95 քկ. դասակարգի աջ բա Միւս կողմէ, զուկով մրցումներուն՝ Արմէն ՉապուխՀ ա յ ա ս տ ա ն ի եան գրաւեց 8րդ տեղը, իսկ Ճանիծանրաբարձու բեկ Ղազարեան՝ 9րդ տեղը, ձախ բա թեան դաշնակ զուկով: ցութիւնը բողոք ն ե ր կ ա յ ա ց ո ւ ՃԱՏՐԱԿ ցած է պրոնզԵւրոպայի դպրոցական ախոյեանու եայ մետալա թենէն ետք, որ տեղի ունեցաւ Հոկ կիր՝ Գէորգ Պօ Արմէն Ղազարեան տեմբեր 11էն 19 Անթալիայի մէջ, միայն ղոսեանի (Եւրօ Թուրքերու, Ազէրիներու եւ քանի մը 2011ին, 94 քկ. դասակարգ) եւ Էլէն Ռուսերու մասնակցութեամբ, Հոկ Գրիգորեանի (Եւրոպայի 2011ի փոխ տեմբեր 24էն 31 Գոճաէլի քաղաքին ախոյեանուհի, 53 քկ. դասակարգ) դէմ մէջ կայացան -16 տարեկաններու հա Միջազգային դաշնակցութեան վճռած մաշխարհային ողիմպիականները, 10 պատժական միջոցներուն համար: փուլով: Խմբովին ախոյեանութիւնը շահեցաւ Ռուսաստան. երկրորդ տե ղը գրաւեց Հայաստանի խումբը որ կը ԺԻՒՏՕ բաղկանար Կարէն Գրիգորեանէ, Յով Լոռէն շրջանի (Ֆրանսա) պատանի հաննէս Քապուզեանէ, Տիգրան Յա ներու բաց մրցաշարքին, որ տեղի ու
| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 9
նեցաւ Մէց քաղաքին մէջ, Հոկտեմբեր 22ին, լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած հայ մարզիկները եղան՝ Սթրազ պուրկէն Խաչիկ Յովսէփեանը, Մար սիլիայէն Ռազմիկ Եղիազարեանը եւ Լոռէնէն Ռազմիկ Գոճապաշեանը: Առաջինը 100 քկ. դասակարգին մէջ նուաճեց ախոյեանութիւնը, երկրոր դը եւ երրորդը՝ յաջորդաբար 66 եւ 90 քկ. դասակարգերուն մէջ արծաթեայ մետալներ շահեցան, դասուելով երկրորդ: Իսկ Գորմէյ լը Ռուայալի պատանի ներու մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ նոյն օրը, Ռեմոն Յովհաննիսեան 3րդ հանդիսացաւ -90 դասակարգին մէջ: ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ Սամփօ ոճի համաշխարհային ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Հոկ տեմբեր 13էն 17, Ռիկայի մէջ, յաջողու թիւն ձեռք ձգած հայ մարզիկներու՝ նա խապէս մեր նշած անուններուն պէտք է աւելցնել -18 տարիքի մրցաշարքին, Հայաստանէն Գրիգոր Մխիթարեանինը (48 քկ.), որ դարձաւ ախոյեան (Ռու սաստանէն Արթիւր Զակորոտողեան ալ գրաւեց երրորդ տեղը) եւ դարձեալ Ռուսաստանէն՝ Էտկար Մղտիսեանինը (60 քկ.): Հայաստան 5րդ տեղը գրաւեց 16 երկիրներու մէջ՝ -20 տարիքի դա սակարգին մէջ, եւ 17 խումբի մէջ 7րդը՝ -18 տարիքի դասակարգին: ՌԸԿՊԻ Հոկտեմբեր 23ին, Համաշխարհա յին բաժակի աւարտական մրցումին 7-8 պարտուելէ ետք Նոր Զելանտա յէն, Ֆրանսայի հաւաքականը դարձաւ աշխարհի փոխ ախոյեան, իր կազմին մէջ ունենալով տըմի տը մէլէ Տիմիթ րի Եաշվիլին, որ մօրը՝ Ժերմէն Մա կարեանի կողմէ Հայ է: Եաշվիլի կը խաղայ Պիարիցի խումբին մէջ: ԹԵՔՎԱՆՏՕ Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տե ղի ունեցան Հոկտեմբեր 6էն 9, Հայոց մէջ լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգողը եղաւ Սերկէյ Ավանէսով, որ 45 քկ. դա սակարգին մէջ շահեցաւ պրոնզեայ մե տալ, մինչ 48 քկ. դասակարգին մէջ՝ Լե ւոն Մատաթեան առաջին շրջանէն իսկ դուրս մնաց, պարտուելով Գորէացիէ մը, որ դարձաւ այս դասակարգին ախոյեանը: ԵԴՈՒԱՐԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
10 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5 CROIX BLEUE DES ARMÉNIENS DE FRANCE ֆրանսահայ կապոյտ խաչ
Section «Araxe» de Lyon Villeurbanne
vous invite à son repas mensuel le dimanche 13 Novembre à 12h à la Maison de la Culture Arménienne de Villeurbanne 68 avenue Marcel Cerdan 69100 Villeurbanne
Nous vous offrons une occasion de plus de vous retrouver, de parler du passé et du présent et de déguster la spécialité typique de la journée le «MANTE». Réservation : - CBAF :06 76 35 63 64 - MCAV: 04 78 26 28 10 PAF: 15 Euros Լիոն-Վիլէօրպանի «Արաքս» մասնաճիւղը կը հրաւիրէ ձեզ իր ամսական ճաշին Կիրակի Հոկտեմբեր 13, ժամը 12ին Վիլէօրպանի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ: «Մանթը»ի Օր Եկէք համեղ «Մանթը»ի սեղաններու շուրջ զրուցելու ձեր հին օրերէն, ներկայէն: Շուտով ապահովեցէք ձեր տեղերը, հեռաձայնելով՝ - ՖԿԽ.- 06 76 35 63 64 - ՎՀՄՏ.- 04 78 26 28 71 թիւերուն: Մասնակցութիւն 15 եւրօ ***
Vous cherchez quoi offrir à votre enfant pour Noël ? Mais... un billet pour le spectacle de Taline ! La section ASTRIG du Val d'Oise et la section A. DJAMALIAN de Décines vous annoncent
le retour de TALINE en France.
EXCEPTIONNEL !
• Samedi 14 janvier 2012 :
Deux représentations auront lieu dans la même journée, à 14h et à 17h, à la Mairie du 9e – Salle Rossini 6, rue Drouot - Paris. Pour réservation : Anet : 01 39 85 17 89 07 61 06 19 65
• Dimanche 15 janvier 2012 : une représentation à 15h
au Toboggan, 14, ave Jean Macé - 69150 Décines. Pour réservation : - Lisa : 06 49 57 18 29 - Varténie : 06 21 74 43 50 TALINE, est la seule artiste consacrée aux enfants et reconnue « star » aux Etats-Unis. Elle va se produire à Paris et à Décines. Ne manquez pas son nouveau spectacle chanté et dansé. Participation aux frais : 15 €
BOURSE D’ÉTUDES SUPÉRIEURES
(Sous conditions de ressources) Le candidat devra être inscrit en 2ème année d’études supérieures (université, IUT, grandes écoles...) et être agé de moins de 30 ans Dossier à télécharger sur site internet : www.croixbleue-france.com A compléter et à envoyer à la CBAF 17 rue Bleue 75009 PARIS Tél. : 01 53 34 18 18 e-mail : cbaf@wanadoo.fr Date limite : 30 novembre 2011
2011, Նոյեմբեր 5
| ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 11
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի վարչութիւնը կը կազմակերպէ՝
ՈՒՐԱԽ ԵՐԵԿՈՅԹ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, ժամը 20էն սկսեալ, «Տիամանթէր» ճաշարանին մէջ 60 rue La Fayette, 75009 Paris Տեղերը ապահովելու համար կը խնդրուի հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ 06.83.42.86.88.
Péniche ANAKO des peuples et cultures du monde
CSCRA ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՎԱՅՐԸ
MOIS de NOVEMBRE À l’occasion du 150e anniversaire de la naissance de FRIDTJOF NANSEN
Dzovinar Kévonian
Du 2 au 20 novembre Exposition de photographies du Mouvement social chilien par Charlotte Mathivet et Claudio Pulgar Pinaud Dimanche 6 novembre accueil musical à 11 Brunch ethnomusika: Les Ilamadas de tambours candombe à Montevideo - Entrée libre Brunch oriental 8€
Maître de conférences à l’Université Paris X spécialiste des réfugiés et de la diplomatie humanitaire présentera l’œuvre de celui qui institua le Passeport Nansen Vendredi 18 Novembre à 20h45
de
Dimanche 6 novembre à 15 heures Contes - « À l’ombre des Moai » avec Céline Ripoli Tarif plein 8€ / réduit 6€ à partir de 6 ans Mardi 8 novembre à 20h précises Documentaires géopolitiques d'ICTV La Révolution des casseroles, la faillite de l’État et la révolte des Argentins de Philippe Claude et Philippe Lachambre Tarif plein 8€ / réduit 6€ (À suivre) http://peniche.anako.com Bassin de la Villette Face au 61 Quai de la Seine, 75019, Paris Métros, Riquet, Stalingrad ou Jaurès
9 rue de Madrid 94140 Alfortville (RER D – Alfortville-Vert-de-Maisons) Rens. : tél 01 43 76 55 89 mca-alfortville@gmail.com
Nara NOÏAN présente son nouvel album
ORIENTAL EXPRESS Concert accompagné d'une exposition de photographies prises par Philippe Simon lors des derniers voyages de Nara en Arménie, Egypte et Syrie.
Les YP Marseille - Jeunes Professionnels Arméniens vous proposent :
Samedi 19 novembre à 20h Salle de l'UGAB Marseille
327, Bd Michelet, MARSEILLE 8e
En l'honneur du bicentenaire de la naissance du célèbre compositeur Frantz Liszt,
Anahid Ter-Boghossian et
Bourgois Nikoyan
s'exécuteront au piano pour vous présenter des morceaux choisis du virtuose. Venez profiter d'un concert de Piano et déguster quelques-uns des meilleurs vins de Provence. N'hésitez pas à venir accompagné, accueil chaleureux garanti! Entrée: 20 €
Nara NOÏAN en concert
à l'UGAB le vendredi 9 décembre à 20h30 118, rue de Courcelles, 75017 PARIS Renseignements et réservations : 06 07 15 35 28 Nombre de places limité Placement libre - Bar Tarif plein : 20 € / Etudiant : 15 € Piano & chant : Nara Noïan Guitare : Tigran Ter Stepanian Doudouk : Vardan Hovanissian
12 | ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ | 2011, Նոյեմբեր 5 մահազդ Պարոն Րաֆֆի Մոմճեան եւ զաւակները՝ Միքայէլ եւ Առնօ խոր ցաւով կը գուժեն իրենց մօր եւ մեծ-մօր՝ ԱՅՐԻ ՏԻԿԻՆ ՍՈՆԱ ՄՈՄՃԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբ թի, Հոկտեմբեր 31ին: Յուղարկաւորութիւնը կը կատար- ւի Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, ժա մը 10.30ին, Փարիզի Սուրբ Յով հաննէս-Մկրտիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ 15 rue Jean-Goujon, Paris 8e:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Կապոյտ Խաչի Իսի-լէ-Մուլինոյի «Տիրուհի Սէրէնկիւլեան» մասնաճիւ ղը իրմէ յաւէտ բաժնուած ընկերու հիներուն յիշատակին հոգեհանգիստ կատարել կու տայ Կիրակի, Նոյեմ բեր 6ին, Իսի-լէ-Մուլինոյի Ս. Մա րիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 6 avenue Bourgain: Հոգեհանգստեան արարողութեան կը յաջորդէ հոգեճաշ մը՝ եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ: Տեղերը ապահովելու համար հե ռաձայնել՝ Ալիսին.- 01 46 42 90 68 Իսկուհիին.- 09 54 65 53 00:
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ-ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Շաբաթ Նոյեմբեր 5 Սրբոց Հրեշտակապետացն՝ Գաբրիէլի եւ Միքայէլի եւ ամենայն երկնային զօրացն
Սկիզբ ժամերգութեանց՝ ժամը 9-ին, Պատարագ՝ ժամը 10.30-ին:
Շաբաթ Նոյեմբեր 19 Տօն Ամենայն Սրբոց
GRANDE BRADERIE ANNUELLE AU COLLEGE SAMUEL MOORAT à Sèvres
Les 3 & 4 Décembre
Սկիզբ ժամերգութեանց՝ ժամը 9-ին, Պատարագ՝ ժամը 10.30-ին:
Երկուշաբթի Նոյեմբեր 21 Ընծայումն Ս. Աստուածածնի երից ամաց ի տաճարն
Սկիզբ ժամերգութեանց՝ 8.30ին, Պատարագ՝ ժամը 10.30-ին:
Նկատի ունենալ
ժամը
Réservez votre week-end
ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՄԵԾ ՎԱՃԱՌՔ ՍԵՒՐԻ ՍԱՄՈԻԷԼ-ՄՈԻՐԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Շէն Ֆրանսա Շաբաթ, Կիրակի Դեկտեմբեր
3 ին
եւ
4 ին