31: Ղարս Պազարի մէջ ինքնապաշտպանութեան պատրաստութիւններ Ճին Թորոսի ղեկավարութեամբ Ղարս Պազարը պզտիկ գիւղաքաղաք մը ըլլալով, լուրը 10 վայրկեանի մէջ ամէն կողմ տարածուած էր եւ ժողովուրդը ահ ու սարսափով հայոց թաղը կը դիմէր: Մենք ալ՝ ընկերներ Սահակ Ղըրաճեան, Ստեփան Քէքլիքեան, վերոյիշեալ որոշումները տալէն ու ամէն կողմ պէտք եղած հրահանգները ղրկելէն վերջ փողոց իջանք, կէս մութ կէս լոյս։ Կառավարչատան առջեւ [կար] գայմագամը քովն ըլլալով ոստիկանապետն ու ուրիշ մի քանի պաշտօնեաներ, իրենց քովը կը գտնուէր նաեւ ընկ. Ստեփանին հայրը՝ Հաճը Աստուր աղան: Մեզի տեսնելուն գայմագամը սապէս խօսեցաւ. «Էֆէնտինե՜ր, այս ինչ իրարանցում ու խուճապ է, սրիկայ տէլի Ճին Թորոսը հիմա որ բանտն է եւ պիտի պատժուի՝ պատասխանատու է այս բանին: Իր բերած լուրին բոլորովին անհիմն ու յերիւրածոյ ըլլալը ստուգուած է, որովհետեւ իր գալէն ետք ու այս սուտ լուրը հաղորդելուն պէս՝ երկու ձիաւոր ոստիկան ղրկեցի այդ կողմերը: Վերադարձան ու երդումով հաստատեցին թէ քաղաքին վրայ ո՛չ յարձակող կայ եւ ոչ ալ անանկ զինուած մարդիկ: Ուրեմն կը փափաքիմ ու միաժամանակ յանուն կառավարութեան կը հրամայեմ, որ, էֆէնտիներ, այս իրարանցումին առաջքը առնէք եւ խաղաղութիւնը վերահաստատէք: Ես արդէն պէտք եղած միջոցները ձեռք առած եմ կարգը խանգարել ուզողները զսպելու ու արգիլելու համար»:
Հաճընցի հայ զինեալներ. ձախէն աջ՝ Տիգրան Կէօտելէքեան, Ճին Թորոս Տարտաղանեան, Յակոբ Պեզկիրեան, Համբարձում Կէօտելէքեան (Աղբիւր՝ Bibliothèque Orientale-USJ)
www.houshamadyan.org