ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 8 DECEMBER, 2019 – No.17
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
This issue of “Shogh” is sponsored by MR. & MRS. HRANT AND ZVART KETENJIAN
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ (ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՊԱՀՔԻՆ) ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 37.14-38 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔ. ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂԱԾ ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 1։1-12 ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 14։12-24 ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝
ԳԵՐՇ. Տ. ԱԲԳԱՐ ԵՊՍ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի
THIRD SUNDAY OF ADVENT (EVE OF THE FAST OF ST. HAGOP) SYNAXIS READINGS ISAIAH 37.14-38 2 THESSALONIANS 1։1-12 LUKE 14։12-24 Divine Liturgy at 10:30 AM Celebrated by:
HIS GRACE BISHOP ABGAR HOVAKIMIAN The Primate of the Armenian Church of Canada
Choirmaster: Mr. Shahe Altounian Organist: Mrs. Sona Artinian
2
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱՄԱԿԷՆ 1։1-12 Պօղոս, Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ մեր Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով. շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: Պարտական ենք ամէն ատեն Աստուծմէ շնորհակալ ըլլալ ձեզի համար, եղբայրնե՛ր, ինչպէս որ արժանավայել է. քանի որ ձեր հաւատքը շատ կ՚աճի, եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը կ՚աւելնայ իրարու հանդէպ: Ուստի մենք ալ կը պարծենանք ձեզմով Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ, ձեր համբերութեան ու հաւատքին համար՝ ձեր բոլոր հալածանքներուն եւ տառապանքներուն մէջ, որոնց կը հանդուրժէք: Ասիկա Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէսզի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեան, որուն համար կը չարչարւիք ալ: Քանի որ Աստուծոյ քով արդարութիւն է տառապանք հատուցանել ձեզ տառապեցնողներուն, իսկ ձեզի՝ տառապանք կրողներուդ՝ անդորրութիւն մեզի հետ, երբ Տէր Յիսուս յայտնուի երկինքէն՝ իր հզօր հրեշտակներով, բոցավառ կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ չեն ճանչնար Աստուած, ու չեն հնազանդիր մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին: Անոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով՝ վտարւելով Տէրոջ ներկայութենէն եւ անոր ոյժին փառքէն, երբ ինք գայ փառաւորուելու իր սուրբերուն մէջ, ու այդ օրը սքանչացումի առարկայ ըլլալու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ (որովհետեւ դուք հաւատացիք ձեր մէջ տրուած մեր վկայութեան): Հետեւաբար ամէն ատեն կ՚աղօթենք ձեզի համար, որ մեր Աստուածը արժանացնէ ձեզ ձեր կոչումին, եւ զօրութեամբ իրագործէ իր բարութեան ամբողջ բարեհաճութիւնն ու 3
հաւատքին գործը. որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունը փառաւորուի ձեր մէջ, եւ դուք ալ անոր մէջ, մեր Աստծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքին համաձայն: ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 14։12-24 Զինք հրաւիրողին ալ ըսաւ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կը սարքես, մի՛ կանչեր բարեկամներդ, ո՛չ ալ եղբայրներդ. ո՛չ ազգականներդ, ո՛չ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի անոնք ալ փոխարէնը չհրաւիրեն քեզ՝ ու հատուցում չըլլայ քեզի: Հապա երբ կոչունք կը սարքես՝ հրաւիրէ՛ աղքատները, պակասաւորները, կաղերը եւ կոյրերը, ու երանելի՛ պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք չեն կրնար փոխարէնը հատուցանել քեզի. արդարեւ արդարներուն յարութիւն առած ատե՛նը փոխարէնը պիտի հատուցանուի քեզի»: Հետը սեղան նստողներէն մէկը, երբ լսեց ասիկա, ըսաւ անոր. «Երանի՜ անոր, որ հաց պիտի ուտէ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ»: Ինք ըսաւ անոր. «Մարդ մը սարքեց մեծ ընթրիք մը, ու հրաւիրեց շատ մարդիկ: Ընթրիքի ժամուն՝ ղրկեց իր ծառան, որպէսզի ըսէ հրաւիրեալներուն. “Եկէ՛ք, որովհետեւ արդէն ամէն բան պատրաստ է”: Բոլորն ալ միաբերան սկսան հրաժարիլ: Առաջինը ըսաւ անոր. “Ես արտ մը գնեցի, եւ հարկ է որ մեկնիմ ու տեսնեմ զայն. կը խնդրեմ քեզմէ, հրաժարած նկատէ զիս”: Միւսը ըսաւ. “Հինգ զոյգ եզ գնեցի, եւ կ՚երթամ որ փորձարկեմ զանոնք. կը խնդրեմ քեզմէ, հրաժարած նկատէ զիս”: Միւսը ըսաւ. “Կնոջ մը հետ ամուսնացայ. ուստի չեմ կրնար գալ”: Ծառան եկաւ ու պատմեց իր տիրոջ այս բաները: Այդ ատեն տանուտէրը բարկացաւ եւ ըսաւ իր ծառային. “Շուտո՛վ դուրս ելիր՝ դէպի քաղաքին հրապարակներն ու փողոցները, եւ հո՛ս բեր աղքատները, պակասաւորները, կաղերն ու կոյրերը”: Ծառան ալ ըսաւ. “Տէ՛ր, կատարուեցաւ ինչ որ հրամայեցիր, բայց տակաւին տեղ կայ”: Տէրը ըսաւ ծառային. 4
“Դո՛ւրս ելիր դէպի ճամբաներուն գլուխներն ու ցանկապատերը, եւ հարկադրէ՛ գտածներդ՝ որ հոս մտնեն, որպէսզի տունս լեցուի”: Որովհետեւ, կ՚ըսեմ ձեզի, այդ հրաւիրուած մարդոցմէն ո՛չ մէկը պիտի ճաշակէ իմ ընթրիքէս»: 2 THESSALONIANS 1։1-12 Paul, Silas and Timothy, To the church of the Thessalonians in God our Father and the Lord Jesus Christ: Grace and peace to you from God the Father and the Lord Jesus Christ. We ought always to thank God for you, brothers and sisters, and rightly so, because your faith is growing more and more, and the love all of you have for one another is increasing. Therefore, among God’s churches we boast about your perseverance and faith in all the persecutions and trials you are enduring. All this is evidence that God’s judgment is right, and as a result you will be counted worthy of the kingdom of God, for which you are suffering. God is just: He will pay back trouble to those who trouble you and give relief to you who are troubled, and to us as well. This will happen when the Lord Jesus is revealed from heaven in blazing fire with his powerful angels. He will punish those who do not know God and do not obey the gospel of our Lord Jesus. They will be punished with everlasting destruction and shut out from the presence of the Lord and from the glory of his might on the day he comes to be glorified in his holy people and to be marveled at among all those who have believed. This includes you, because you believed our testimony to you. With this in mind, we constantly pray for you, that our God may make you worthy of his calling, and that by his power he may bring to fruition your every desire for goodness and your every deed prompted by faith. We pray this so that the name of our Lord Jesus 5
may be glorified in you, and you in him, according to the grace of our God and the Lord Jesus Christ. LUKE 14։12-24 Then Jesus said to his host, “When you give a luncheon or dinner, do not invite your friends, your brothers or sisters, your relatives, or your rich neighbors; if you do, they may invite you back and so you will be repaid. But when you give a banquet, invite the poor, the crippled, the lame, the blind, and you will be blessed. Although they cannot repay you, you will be repaid at the resurrection of the righteous.” When one of those at the table with him heard this, he said to Jesus, “Blessed is the one who will eat at the feast in the kingdom of God.” Jesus replied: “A certain man was preparing a great banquet and invited many guests. At the time of the banquet he sent his servant to tell those who had been invited, ‘Come, for everything is now ready.’ “But they all alike began to make excuses. The first said, ‘I have just bought a field, and I must go and see it. Please excuse me.’ “Another said, ‘I have just bought five yoke of oxen, and I’m on my way to try them out. Please excuse me.’ “Still another said, ‘I just got married, so I can’t come.’ “The servant came back and reported this to his master. Then the owner of the house became angry and ordered his servant, ‘Go out quickly into the streets and alleys of the town and bring in the poor, the crippled, the blind and the lame.’ ‘Sir,’ the servant said, ‘what you ordered has been done, but there is still room.’ “Then the master told his servant, ‘Go out to the roads and country lanes and compel them to come in, so that my house will be full. I tell you, not one of those who were invited will get a taste of my banquet.’ ” 6
ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 91-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ՀԱՄԱՌՕՏ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ Թորոնթօ հաստատուած բուռ մը հայեր, 1928-ին, հիմը դրին իրենց համայնքին, տարին քանի մը անգամ պաշտամունք կատարելով Ս. Ստեփանոս Անկլիքան եկեղեցւոյ մէջ։ 1930-էն մինչեւ 1953 թուականը, նոյնը շարունակուեցաւ հիւրընկալ Ս. Երրորդութիւն Անկլիքան եկեղեցւոյ մէջ, երբ 200-ի հասնող թորոնթոհայութիւնը բարձրացուց իր սեփական եկեղեցին Woodlawn պողոտայի վրայ։ Օծումը կատարուեցաւ 6 Դեկտեմբեր 1953-ին, ձեռամբ ամերիկահայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Տիրան Արք. Ներսոյեանի։ Ի պատիւ հիւրընկալ Ս. Երրորդութիւն Անկլիքան եկեղեցւոյ, այս նորակառոյց գողտրիկ եկեղեցին անուանուեցաւ՝ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի։ 1963-ին, ան օժտուեցաւ համապատասխան ներքնասրահով մը ու եղաւ թորոնթոհայութեան ազգային-եկեղեցական եւ մշակութային կեանքի կեդրոնը, իր երիտասարդական միութիւններով, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններով, եւ այլն։ 1970-ական թըւականներու վերջին, երբ հայութիւնն արդէն Թորոնթոյի մէջ լուրջ թիւ մը կը ներ7
կայացնէր, նկատի ունենալով ստեղծուած նոր պայմանները, ժողովուրդի մեծամասնութեան եւ Պատկան Իշխանութեանց կողմէ յարմար նկատուեցաւ նոյն Ս. Երրորդութեան անունով կառուցել նոր եկեղեցի մը Սքարպորոյի մէջ, որը առաւել եւս գոհացում պիտի տար թորոնթոհայութեան ազգային-եկեղեցական եւ հոգեւոր կարիքներուն։ Եկեղեցւոյս շինարարական աշխատանքները սկիզբ առին 28 Օգոստոս 1986 թուականին եւ հասան իրենց բարեյաջող աւարտին 1987-ի Նոյեմբերին, շնորհիւ այդ ժամանակուայ ժրաջան հովիւին՝ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եռանդուն գործունէութեան եւ համայն ժողովուրդի անմնացորդ մասնակցութեան։ Նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը տեղի ունեցաւ 15 Նոյեմբեր 1987-ին, ձեռամբ՝ Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ճարտարապետական թեման, իբրեւ սկզբունք որդեգրեց «Միութիւն» կարգախօսը, որ համադրուեցաւ եկեղեցւոյ ոճի յղացման մէջ, այսինքն՝ միաձուլումը աւանդականի ու նո- րի։ Ճարտարապետը՝ Տիար Թագւոր Յոբեան, իր ներշնչումի աղբիւրը գտաւ Ս. Հռիփսիմէ տաճարի անզուգական ոճին մէջ, որը շաղախեց ժամանակակից հասկացողութեամբ՝ ստեղծելով ինքնատիպ կառոյց մը։ 1996 թուականէն ի վեր, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն է Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը:
91st ANNIVERSARY OF THE HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH A BRIEF HISTORY As early as 1928, a handful of Armenians held a few yearly Divine Liturgies at the St. Stephan’s Anglican Church. During the years extending between 1930 and 1953, Divine Liturgies were offered at Holy Trinity Anglican Church. Then, with the efforts of the 200 or so Armenians in Toronto, a new church was erected on Woodlawn Avenue at Yonge Street. The church was named Holy Trinity Armenian Church, in honour of Anglican Church parish that hosted the Armenians for so many years. It was consecrated on December 6, 1953, by the Primate of 8
the Eastern Diocese of America, His Eminence Archbishop Tiran Nersoyan. Holy Trinity parish was blessed by the inaugural visit of His Holiness, Vasken I, Catholicos of All Armenians, of Blessed Memory, in 1960. Shortly after, the parish joyfully received its first permanent pastor, Very Rev. Fr. Jirayr Tashjian in 1961. In 1963, with the addition of a parish hall in the lower level, the Armenians in Toronto had a spiritual and cultural centre complete with
Ladies’ Auxiliary, youth organizations, and Saturday and Sunday schools. By the late 1970s, as the number of Armenians in Toronto increased significantly, it was deemed appropriate and necessary to build a new church, carrying the same name, in Scarborough, to satisfy the spiritual and national needs of the growing community. Ground was broken on August 28, 1986 by His Eminence Shnork Kaloustian, Patriarch of Constantinople and His Eminence Arch. Bishop Vazken Keshishian for the new Holy Trinity site in Scarborough 1986, and the structure was completed by November 1987, thanks to the efforts of the then-Pastor, now, Primate of the Western Diocese of the Armenian Church of America, H.E. Archbishop Hovnan Derderian, and the participation of the Armenian community of Toronto. The consecration of the new church took place on November 15, 1987, by His Holiness 9
Vazken I, Catholicos of All Armenians. The architectural theme of Holy Trinity Armenian Church symbolizes unity, while the style itself is a merging of the old and the new. The architect, Mr. Takvor Hopyan, created a unique structure influenced by the style of St. Hripsime cathedral in Etchmiadzin. As mementos of the old building of Holy Trinity on Woodlawn, the altar and stained-glass windows of the old church gracefully reside in the new church. Since 1996, the parish has been blessed to have Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian, as their spiritual leader, the vital and caring pastor.
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Ս. ՅԱԿՈԲԱՅ ՊԱՀՔԻ Այս Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, Բարեկենդան է Ս. Յակոբի շաբաթապահքի: Եկեղեցական աստուածպաշտութեան մէջ բարեկենդան կը կոչուի իւրաքանչիւր շաբաթապահքին եւ Մեծ Պահքին նախորդող օրը: Պահքի օրերուն հաւատացեալները կը հրաժարին կենդանական ծագում ունեցող ճաշերէն եւ կը սնուին միայն բուսական ուտեստեղէնով: Ս. Յակոբի շաբաթապահքը կը տեւէ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, իսկ Շաբաթ օրը Տօնն է Ս. Յակոբ Մծբնացիի: Ս. Սարգիսի պահքի նմանութեամբ, Ս. Յակոբի Պահքին ալ ոմանք 1 կամ 3 օր ծոմապահութիւն կ'ընեն: Ժողովրդական սովորութիւն եղած է, ծոմապահութիւն ընող նշանուած աղջիկներուն, նշանածի տունէն նուէրներու հետ միասին յատուկ հելվա ղրկելը, որ կը կոչուի նաեւ «Ս. Յակոբի հելվա»: Անգամ մը եւս յիշեցնենք, որ Պահքը ոչ միայն որոշակի սնունդէ ինքզինքը զրկելն է, այլ նաեւ ինքնամաքրման, աղօթքի, զղջումի, մեր մեղքերը գիտակցելու եւ խոկումի շրջան մը:
EVE OF THE FAST OF ST. JAMES This Sunday, December 8, is the Eve of the Fast of St. James (Hagop) of Nisibis. This five-day fast starts on Monday till Friday. During Fast of St. James, the faithful give up food of animal origin and consume only vegetarian food. 10
Just like St. Sarkis's fast, during the Fast of St. James some faithful follow a much stricter fast and abstain from all kinds of food for 1 or 3 days (Dzom). According the folk traditions, for the fasting engaged girls their future in-laws would send gifts and a special sweet called 'St. Hagop's Helva'. Let us not forget, that fasting is not just the rejection of animal food, but it is also a time to to cleanse our minds and hearts from fallacies; time to repent, pray and lead a virtuous life.
ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ, Ս. Յակոբի Պահքը նաեւ կը կոչուի Ձմեռնամուտի Պահք: Հայ եկեղեցական տօնացոյցին մէջ սահմանուած են տարուայ 4 եղանակներու`Գարնան, Ամառուայ, Աշնան եւ Ձմեռուայ շաբաթապահքեր: Սոյն պահքերը յայտնի են նաեւ Մեծի Պահոց երկրորդ շաբթուայ, Եղիական, Վարագայ Ս. Խաչի եւ Ս. Յակոբի Պահքեր անունով: ԳԱՐՈՒՆ - Մեծի Պահոց երկրորդ շաբաթապահքը (Մարտ ամսուն) կը պատկանի Մեծ Պահքի շարքին եւ կը կոչուի նաեւ Գարնան Շաբաթապահք: Եղանակային շաբաթապահք է, եւ տօն չունի: ԱՄԱՌ - Եղիական Պահքը (Յունիս) ըլլալով ամառնամուտի Պահք, կը կոչուի նաեւ Ամառուայ Պահք, կամ ժողովրդական լեզւով՝ «Թրթուրի Պահք»: Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող առաջին շաբաթապահքն է: Եղանակային Պահք ըլլալով՝ կապ չունի Եղիա մարգարէին, սակայն կը կոչուի Եղիական, որովհետեւ շաբաթապահքի յաջորդ օրը յիշատակն է Եղիա մարգարէի: Կը տեւէ 5 օր (Երկուշաբթիէն` Ուրբաթ) եւ տօն չունի: ԱՇՈՒՆ - Վարագայ Ս. Խաչի պահքը (Սեպտեմբեր) , Աշնան եղանակային շաբաթապահք է, որ կը կոչուի նաեւ Ս. Գէորգի Պահք, որովհետեւ շաբաթավերջին տօնն է Ս. Գէորգի: Այս Պահքն ունի սըրբոց տօներ եւ կը տեւէ հինգ օր: ՁՄԵՌ - Ս. Յակոբի կամ Ձմեռուայ Պահքը, եղանակային շաբաթապահքերէն վերջինն է, կը սկսի ձմեռնամուտին (Դեկտեմբեր): Կը զուգադիպի Ս. Յակոբի տօնին, ուրկէ առած է իր անունը: Ունի սըրբոց տօներ եւ կը տեւէ հինգ օր:
11
Requested by The Parish Priest & Council of Holy Trinity Armenian Church Yeretsgin Marie Gulyan and Family In Memory of
THE LATE REV. ARCHPRIEST FR. SARKIS GULYAN On the occasion of 1st anniversary of his passing
Requested by Arthur Alajajian & Leda Yazedjian and Family Mr. & Mrs. Abraham & France Kandaharian In Memory of
THE LATE ARMENAK ALAJAJIAN On 2nd anniversary of his passing
Requested by Mrs. Azniv Baghdadlian, Mr. & Mrs. Hagop and Aline Gulyan In Memory of
THE LATE ARMAN BAGHDADLIAN On the occasion of 10th anniversary of his passing
THE LATE OJEN YEPREM On the occasion of 31st anniversary of her passing
12
In Memory of The Victims of 1988 Earthquake in Armenia
PREVIOUS PARISH PASTORS His Em. Arch. Vazken Keshishisn
Rev. Fr. Khoren Mamaigonian
Very Rev. Fr. Vasken Tatoian
Rev. Fr. Zkon Charghougian
Rev. Archpriest Fr. Housig
Rev. Archpriest Fr. Sarkis Gulyan
Nishanian
GODFATHERS AND DONORS Levon and Perouz Babayan
Krikor and Takouhi Bozoyan
Alec and Mari Manougian
Mamas and Hayganoush Davidian
Magaros Artinian
Takouhi Mnakian
Maral Ishkhanian
Helen Ounjian
Setrag Adourian
Hagop and Sona Habibian
Siroun and Hrant Hamamjian
Nehmat Kiledjian
Antranik and Frieda Knadjian
Joseph and Shake Tchaghlassian
Mardig Papazian
The deceased members of
David and Robert Soultanian
Tanielian and Zada Familes
Haroutyun and Hasmik Afarian
Garaded and Haygouhi Kerdeian
Kamer and Shant Basmadjian Bedros and Rosa Artinian
Veron Kerdian Edward and George Makiniassian
Seda Pederian
Beatrice and Marieta Ambarian
David Asher
Veron Kestekian
Armenak Abrahamian
Kevork Kandaharian 13
Ohannes Kouyoumdjian
Mari Behesnilian
Stepan Nalbandian
Maria Migirdichian
Krikor and Varsynig Nalbandian
Haig and Vasilik Djerahian
Mourat Nalbandian
Hovhannes Onnig Hagopian
Rebecca Sevazlian
Hagop Sarkissian
Hagop Kestekian
Vehamayr Ovsanna and Hagop
Dr. Manuel and Takouhi Sakarya
Sarkissian
Sarkis Melkonian
Shavarsh Aharonian
Abgar and Araxi Ohanessia
Vahan Kherbekian
Krikor Donikian
Avedis and Rebecca Ketenjian
Krikor and Kohar Kasparian
Arshalouys and Aram Tokmak
Manoug and Mari Ampagoumian
Ohannes Tokmak
Zvart Boyajian
Gulbenk Mermer
Gregory Diradour
Tamara, Artoush and Elena
Mario Gumushdjian Dikran and Armine Isnar
Aratounians Turfanda Ketenjian
Vahe Isnar
Nasri and Selma Almasian
Nubar Karajian
Cardine Agemian
Alber Kasparian
Sarkis and Nouriza Karakulak
Karnig Kassabian
Zaynig Martin
Vahe Minnetian
Takouhi Keshishian
Vahe Ohanessian
Antranik and Nektar Satouri
Juliete Papazian
Moghik, Agapi and Akabi
Hrant Yardemian
Vardanian
Zakar and Mari Tchilingirian
Aghavni Yaglioglu
Siranoush Tchilingirian
Antranig and Haroutyun Yaglioglu
Noyemi Bedikian Tchilingirian
Hovagim and Arshalouys Moushian
Albert & Hellen Kassabian
Rupen & Vartanush Garabedian
Minas Edmon Wartan
Sirun Arzumanian
Amira Ohanessian Minas
Akribas, Mary and Ohannes
Marousia Airapetova
Kaptanian 14
Zaren Alexanian
Kaspar Yardemian
Nazar & Lousik Korkorian
Mayranoush Vartanian
Varoujan & Hasmik Petros
Hagop and Arshalos Tossounian
Samuelian
Armenak Alajajian
Azniv Yardemian
PREVIOUS PARISH COUNCIL MEMBERS Kevork Semerdjaian
Hayrabed Nerinians
Hagop Suin
Antranig Datlain
Hagop Shishmanian
Edmond Artin
Mampre Shirinian Dikran Ounjian
Edward Dovlatian Mari Poladian
Vahe Ounjian
Boghos Kellejian
Arto Arzounian
Adroushan Mushluyan
Diran Papazian
Hrant Suin
Dikran Shishmanian
Arto Okutan
Hagop Tossounian Garo Deirmenjian
Takvor Boduryan Harry Artinian
Onnig Dzalian
Norayr Kassabian
Arto Gulyan
Dr. Ara Keresteci
Victor Khathcig
Dikan Berberian
Khatchi Khorasan
Dr. Avedis Bogosyan
Ardashes Sarian
Gerard Papazian
Ghevond Khosrovian
Harutyun Orchanian
Edward Eudemishlian
Noubar Tossounian
Antranig Tahmizian
Dorkom Zabounian
Garo Khabaian
Kevork Artinan
Garo Martin
Garo Kavukyan
Bedros Tchilingirian
Stepan Semerdjian
Krikor Elmasian
Harutyun Artin Yesayan 15
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ Հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրելու համար հաճեցէք հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակ, Երկուշաբթիէն Հինգշաբթի, ժամը 9։00-էն 16։00 Tel: 416 431 3001 / info@TorontoArmenianChurch.com
REQUIEM SERVICE To register requiem services in memory of your loved ones, please contact Church office Monday-Thursday, 9 am to 4 pm
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հովիւի Օգնականն ու Ծխական Խորհուրդը խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնեն ննջեցեալ՝
ՇԱՔԷ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆԻ ընտանիքին եւ հարազատներուն
CONDOLENCES The Pastor, Pastor’s Assistant and the Parish Council of the Holy Trinity Armenian Church extend their condolences to family members and ask faithful parishioners to pray for the departed soul of
THE LATE CHAKE TCHILINGUIRIAN
ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (շարունակութիւն ՇՈՂ թիւ 16-էն)
Զանազան երկիրներու մէջ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ հաստատումէն, եւ պաշտօնապէս Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակումէն ետք, Ընդհանրական Եկեղեցին կ΄ապրէր իր կազմաւորման եւ ձեւաւորման շրջանը: Սակայն այդ առաջին իսկ օրերուն Եկեղեցին պարտադրուեցաւ վարդապետական հարցերու շուրջ որոշումներ կայացնել եւ հերետիկոսութիւններու եւ աղանդաւորական շարժումներու դէմ պայքար վարել: Արդ, անհրաժեշտ էր հիմնել Ընդհանուր Եկեղեցւոյ Նուիրապետական համակարգ մը, որ կարողանար հետապնդել եւ դիմագրաւէր Եկեղեցին յուզող հարցերը, եւ լուծէր ամենապատեհ եւ արդիւնաւոր ձեւերով: Ընդհանրական Եկեղեցոյ գումարած ժողովները կոչուեցան Տիեզերական Ժողովներ: Իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցին մասնակցած է այդ Ժողովներէն միայն առաջին եւ երկրորդ ժողովներուն, եւ ընդունած անոնց որոշումները: Տիեզերական ժողովներու առաջինը Նիկիոյ Ժողովն էր, որ գումարուեցաւ 325 թուականին, երկրորդը Կոստանդնուպոլսոյ Ժողովը՝ 381թուականին, իսկ երրորդը Եփեսոսի Ժողովը՝ 431 թուականին, որուն յարգելի պատճառներով հայերը չեն մասնակցած, սակայն ընդունած են անոր որոշումները: ՆԻԿԻՈՅ Ա ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ Դ դարու երկրորդ տասնամեակին ընդհանրական եկեղեցւոյ մէջ յառաջ եկաւ հերետիկոսութիւն մը, որ իր ջատագով Արիոսի անունով կոչուեցաւ Արիոսականութիւն: Արիոսը՝ Աղեքսանդրիայի ակնառու քահանաներէն մէկը, 318 թուականին կը սկսի քարոզել, թէ Քրիստոս անսկիզբ չէ, այլ ստեղծուած է ժամանակներէն եւ դարերէն առաջ, Հայր Աստուծոյ ցանկութեամբ, որպէսզի անոր միջոցաւ արարչագործութիւնը իրականանայ: Միակ անծնունդը, միակ յաւիտենականը, միակ անսկիզբը Հայր Աստուածն է: Որդին առաջացած 17
է ոչ թէ Հօր էութենէն այլ ոչինչէն, կար ժամանակ որ Որդին չկար: Որդին թէեւ ստացած է Հայր Աստուծոյ բոլոր շնորհքները, սակայն անապական չէ ինչպէս Հայրը, այլ այլայլելի ինչպէս արարածները: Արիոսի այս վարդապետութեան դէմ կը դնէ Աղեքսանդրիոյ Արքեպիսկոպոս Աղեքսանդրը, որ իր քարոզներուն մէջ կը շեշտէ թէ՝ յաւիտենական է Աստուած, յաւիտենական է եւ Որդին, Հայրը եւ Որդին միաժամանակ են, Որդին համագոյ է Հայր Աստուծոյ, անսկիզբ կերպով յաւիտենական ծնունդ է, ծնած անծնունդէն: Հայրը Որդիին
չի նախորդեր ոչ իսկ մէկ վայրկեան, միշտ եղած է Հայրը եւ միշտ ալ Որդին: Փաստօրէն Արիոս կը մերժէ Քրիստոսի աստուածութիւնը, որով եւ կը վտանգուի ողջ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը: Արիոսի այս վարդապետութիւնը զգալի տարածում կը գտնէ եկեղեցական շրջանակներուն մէջ, ...... (շարունակելի) 18
From Nov. 29-Dec. 5, 2019 91st Anniversary of Holy Trinity Armenian Church: Mr. & Mrs. Madat & Tamar Mamourian $1000, Mr. & Mrs. Hovig & Taline Moushian $500, Mr. & Mrs. Sarkis & Arda Keuroghlian $200, Mr. & Mrs. Boghos & Zaroug Ishkanian $100, Mr. & Mrs. Avedis & Ardemis Moushian $100, Mrs. Sona Artinian $60 General Donation: Mr. & Mrs. Hagop & Rita Artinian $60, Mr. Mihran Avedissian $50 Sunday School: Mrs. Louisa Kerim $100 Baptism: Sorfazlian Family, Ozfuruncu Family In Memory of ‌ The Late Hovhannes Tahmasian & Perizad Gharibian: Mr. & Mrs. Hovik & Hripsime Tahmasian $225 The Late Kevork Kasparian: Mrs. Rebecca Carnegie $200 The Late Eghya Torus: Mrs. Azaduhi Torus $100 The Late Chake Tchilinguirian: Mrs. Rebecca Carnegie $200, Dr. & Mrs. Nubar & Peggy Tchilinguirian $200, Ms Rose Aharonian $100, Mr. Gerard Pederian $100, Mr. & Mrs. Boghos & Zaroug Ishkanian $50, Mr. & Mrs. Takvor Hopyan $50, Mr. & Mrs. Kevork & Choghig Tutundjain $50, Mr. & Mrs. Vahram & Azniv Salibian $50, Mr. & Mrs. Alex & Nora Baltayan $50, Mr. Yervant Icliates $50, Mrs. Sela Tossounian $50, Mr. Eden Andreas $50, Mr. & Mrs. Berdj & Rose Marie Tanielian $50, Mr. & Mrs. Vasken & Alice Deukmedjian $50, Mr. & Mrs. Nurel & Lena Beylerian $40, Ms Tenny Nigoghossian $25, Mr. Boghos Achekian $20, Mr. Minas Selyan $10 19
Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՒ ՖՐԱՆՍ ՔԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ ՆՆՋԵՑԵԱԼ՝ ԱՐՄԵՆԱԿ ԱԼԱՃԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Ս. Խորանի Ծաղիկներու պատրաստում “Flow Flowers”
The Altar Flowers are sponsored by
MR. & MRS. ABRAHAM & FRANCE KANDAHARIAN IN MEMORY OF THE LATE ARMENAK ALAJAJIAN Altar Flowers provided by “Flow Flowers”
ՇՈՂ Կիրակնօրեայ Թերթիկի նուիրատու՝ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ ՀՐԱՆԴ ԵՒ ԶՒԱՐԴ ԳԷԹԷՆՃԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ 91-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԱՌԻԹՈՎ
SHOGH Sunday Bulletin is sponsored by MR. & MRS. HRAND AND ZVART KETENJIAN ON THE OCCASION OF 91 ANNIVERSARY OF HOLY TRINTIY ARMENIAN CHURCH ST
APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration.
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ Ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։ Եթէ կը նախընտրէք ձեր անունը չյիշել կատարած նուիրատուութեան համար, կը խնդրենք նախօրօք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ Tel: 416-431-3001 Email: info@TorontoArmenianChurch.com 20
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ Բոլոր այն անհատներուն, որոնք իրենց նուիրատուութիւններու կողքին նաեւ նեցուկ կը կանգնին եկեղեցւոյս, մասնակից դառնալով կառոյցի նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներուն։
Օրդ. Մարի Արթինեանին, Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Ռիթա Արթինեաններուն Եկեղեցւոյ տօնածառի նուիրատուութեան եւ Նոր Տարուայ առթիւ եկեղեցւոյ ներքին բարեզարդման համար
Տիար Արամ Կապրիէլին Համակարգչային ծառայութեան համար
Տիար Գէորգ Կարապետեանին Եկեղեցւոյ արտաքին պատուհաններու մաքրութեան համար
Թօրօնթոհայ Երկու Ինժիներ Երիտասարդներու Եկեղեցւոյս էլեկտրականութեան եւ լուսաւորութեան բարելաւման իրենց մատուցած սիրահոժար ծառայութեան համար
Երիտասարդ Անդամուհիի մը Եկեղեցւոյ օդանցքներու մաքրութեան համար
ALTAR FLOWERS AND SUNDAY BULLETIN Parishioners, who would like to sponsor fresh flowers of the Altar and “Shogh” Sunday Bulletin in honour or in memory of their loved ones marking a special occasion, please contact the church office or mark your name & contact info on the calendar stand located at Church lobby. Tel: 416 431 3001
Email: info@TorontoArmenianChurch.com 21
ՍԲ. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԲԱՐԵՒ ԿԵԴՐՈՆԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ԿԻՐԱԿԻ Ս. Պատարագ – Իւրաքանչիւր Կիրակի առաւօտ 9:30 ժամերգութիւն եւ Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 10:30 Սուրբ Պատարագ 12:00 Հոգեհանգիստ 10:30 - 13:00 «Մարիօ Կիւմուշճեան» Հոգեւոր Գրադարան 10:30 - 12:30 Կիրակնօրեայ Վարժարան (3-14 տարեկաններու համար) ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ Երեկոյան ժամը 8:00-ին՝ Աստուածաշունչի Սերտողութիւն (Անգլերէն) 19:00 - 20:00 «Սասուն» պարախումբի կրտսերներու փորձ 20:00 - 22:00 «Սասուն» պարախումբի աւագներու փորձ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ 10:30 - Առաւօտեան Ժամերգութիւն, Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 11:00 Աստուածաշունչի Սերտողութիւն (Հայերէն) ՈՒՐԲԱԹ 19: 30 -ին Ժամերգութիւն եւ Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 20:00 -ին Զրոյց Քահանայի հետ 20:00 - 22:30 Ընտանեկան Երեկոյ (Potluck, խաղեր, երաժշտութիւն) 19:00 - 20:00 «Սասուն» պարախումբի կրտսերներու փորձ 20:00 – 22:00 «Սասուն» պարախումբի աւագներու փորձ ՇԱԲԱԹ 9:30-13:30 - Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարան 13:30-14:30 – Արտադասարանային ծրագիր (գծագրութիւն, մարզանք, պար, ճատրակ) Վայր՝ 25 Forest Manor Rd, North York. 22
HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH AND BAREV CENTRE’S WEEKLY SCHEDULE OF ACTIVITIES SUNDAY Divine Liturgy – Every Sunday 9:30 am Morning Service & Prayer for the sick 10:30 am Divine Liturgy 12:00 pm Requiem Service 10:30 am to 12:30 pm “Mario Gumushdjian” Christian Library 10:30 am to 12:30 pm Sunday School for 3 to 14 years old children TUESDAY 8 pm to 9:30 pm Bible Study in English 7:00 pm to 8:00 pm “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Juniors) 8:00 pm to 10:00 pm “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Seniors) THURSDAY 10:30 am - Morning Service & Prayer for the sick 11:00 am - Bible Study in Armenian FRIDAY 7:30 to 8:00 pm 8:00 to 9:00 pm 8:00 to 10:30 pm 7:00 to 8:00 pm 8:00 to 10:00 pm
Evening Vesper & Prayer for the Sick Conversation with Clergy Family Gatherings (Potluck, games, music & more) “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Juniors) “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Seniors)
SATURDAY 9:30 am to 1:30 pm - St. Sahag and St. Mesrob Armenian Saturday School 1:30 pm to 2:30 pm - After school programs (Arts, Sports, Dance, Chess) Location: 25 Forest Manor Rd, Toronto www.armenianschool.ca
23
Կեանքի առաջնորդող եւ խաղաղութիւն պարգեւող մեր Աստուածը՝ Քրիստո՛ս, Դո՛ւն առաջնորդէ մեզ, որպէսզի արդարութեան Քու ճամբաներէդ քալենք եւ Քու ողորմութեամբդ հասնինք կեանքի եւ փրկութեան նաւահանգիստը: Որովհետեւ Դո՛ւն ես մեր օգնականը եւ փրկիչը: Քեզի՛ կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
********* Ամենակալ Տէր, Դուն որ փառքով կը պսակես Քեզի յուսացողները եւ կը կատարես Քեզմէ վախցողներուն փափաքը, մեզ ալ արժանի ըրէ, Տէ՜ր, որ Քու վրադ մեր յոյսը պահենք, եւ համբերութիւն տուր մեզի որ մեր ընթացքը կատարենք այս նեղութեամբ, որուն մէջ կը գտնուինք: Դուն՝ որ մեր ցաւերը կը բժշկես, սրտաբեկները կ’առողջացնես, նեղեալները կը հանդարտեցնես, կապուածները կ’արձակես, սգաւորները կը մխիթարես, անյոյսներուն յոյս կու տաս, խռովածներուս՝ հանգիստ, եւ յոգնածները նաւահանգիստ կը հասցնես, Դուն՝ որ սիրով կը նայիս քու արարածներուդ եւ քու քաղցրութեամբդ կը կերակրես բոլորը, տո՛ւր մեզի, Տէ՜ր, որ մենք ալ պսակը առնենք բոլոր անոնց հետ՝ որոնք արժանի ըրիր քու անունիդ համար մեռնելու փառաւոր մահուամբ, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք յափշտակուելու քու սիրելի Որդիիդ դիմաւորութեան, երբ գայ իր ճառագայթող լոյսին մէջ առնելու սրտանց իրեն փափաքողները, եւ ճշմարտութեամբ դատելու ամբողջ տիեզերքը իր բարկութեան կրակով: Փա՜ռք քեզի, Որդիիդ եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: 24
25
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հովիւի Օգնականն ու Ծխական Խորհուրդը կը շնորհաւորեն էօզֆուրունճու ընտանիքը իրենց զաւկին՝
ԱՐՄԷՆ ԷՕԶՖՈՒՐՈՒՆՃՈՒԻ Ս. Մկրտութեան առթիւ որը տեղի ունեցաւ 30 Նոյեմբեր, 2019
CONGRATULATION The Pastor, Pastor’s Assistant and the Parish Council of the Holy Trinity Armenian Church congratulate and extend their best wishes to Ozfuruncu Family on their son,
ARMEN OZFURUNCU’S Baptism that took place on November 30, 2019
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հովիւի Օգնականն ու Ծխական Խորհուրդը կը շնորհաւորեն նորապսակ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱՐՄԷՆ ԵՒ ՆԱՀԻԼ ՆԱԶԱՐԵԱՆՆԵՐԸ Որոնք արժանացան Ս. Պսակի խորհուրդին 30 Նոյեմբեր, 2019-ին
CONGRATULATION The Pastor, Pastor’s Assistant and the Parish Council of the Holy Trinity Armenian Church congratulate and extend their best wishes to
MR. & MRS. ARMEN & NAHIL NAZARIAN on the occasion of their Holy Matrimony that took place on November 30, 2019
26
Holy Trinity Armenian Church’s WOMENS’ GUILD 2019-2020
27
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 28