ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 29 DECEMBER, 2019 – No. 20
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
This issue of “Shogh” is sponsored by MS ROSE AHARONIAN
Զ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ (Բարեկենդան Ս. Ծննդեան Պահոց) ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 41.4-14 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 7.11-25 ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 19.12-28 ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝
ԱՐԺ. Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ Հոգեւոր հովիւի օգնական SIXTH SUNDAY OF ADVENT (Eve of the Fast of the Nativity) SYNAXIS READINGS ISAIAH 41.4-14 HEBREWS 7.11-25 LUKE 19.12-28 Divine Liturgy at 10:30 AM Celebrated by:
REV. FR. HAYARI TANASHIAN Pastor҆s Assistant
Choirmaster: Mr. Shahe Altounian Organist: Mrs. Sona Artinian 2
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 7.11-25 Ուրեմն, եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեամբ ըլլար, (քանի որ ժողովուրդը Օրէնքին տակ դրուեցաւ անոր ատենը,) ա՛լ ի՞նչ պէտք կար որ ուրի՛շ քահանայ մը ելլէր՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ, եւ չկոչուէր Ահարոնի կարգին համեմատ: Արդարեւ՝ քահանայութեան փոփոխումով՝ հարկ էր որ փոփոխութիւն ըլլար նաեւ Օրէնքին: Եւ իրաւ եղաւ, որովհետեւ ա՛ն՝ որուն մասին կ՚ըսուին այս բաները, կը պատկանէր ուրի՛շ տոհմի, որմէ ո՛չ մէկը մօտեցած էր զոհասեղանին. քանի որ յայտնի է թէ մեր Տէրը սերած է Յուդայի տոհմէն: Իսկ այդ տոհմին մասին Մովսէս ոչինչ ըսաւ՝ քահանայութեան վերաբերեալ: Ասիկա ա՛լ աւելի յայտնի է, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութեամբ ուրի՛շ քահանայ մը կ՚ելլէ, որ եղած է ո՛չ թէ մարմնաւոր պատուէրի մը Օրէնքին համաձայն, հապա՝ անքակտելի կեանքի մը զօրութեան համեմատ: Որովհետեւ կը վկայէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ»: Արդարեւ նախկին պատուէրը կը ջնջուի իր տկարութեան ու անշահեկանութեան համար, (որովհետեւ Օրէնքը ոչի՛նչ կատարեալ ըրաւ,) եւ անոր տեղ կը մտնէ լաւագոյն յոյս մը՝ որով կը մօտենանք Աստուծոյ: Եւ քանի որ ասիկա չեղաւ առանց երդումի, (որովհետեւ անոնք քահանայ եղած են առանց երդումի, իսկ ասիկա՝ երդումով, անո՛ր միջոցով՝ որ ըսաւ իրեն. «Տէրը երդում ըրեր է ու պիտի չզղջայ. “Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ”»,) Յիսուս երաշխաւոր եղաւ լաւագոյն ուխտի մը: Ի՛րապէս շատ եղած են քահանաները, քանի որ մահը կ՚արգիլէր որ անոնք միշտ մնան: Բայց ասիկա ունի անփոփոխ քահանայութիւն, որովհետեւ յաւիտեան կը մնայ: Ուստի կարող ալ է կատարելապէս փրկել անոնք՝ որ իրմով կու գան Աստուծոյ. որովհետեւ ինք միշտ կ՚ապրի՝ անոնց բարեխօս ըլլալու համար:
3
ՂՈՒԿԱՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 19.12-28 Ուրեմն ըսաւ. «Ազնուական մարդ մը գնաց հեռաւոր երկիր մը՝ իրեն թագաւորութիւն ստանալու եւ վերադառնալու: Իր տասը ծառաները կանչելով՝ տասը մնաս տուաւ անոնց, ու ըսաւ անոնց. “Շահարկեցէ՛ք՝ մինչեւ որ գամ”: Անոր քաղաքացիները կ՚ատէին զայն, եւ պատուիրակութիւն մը ղրկեցին անոր ետեւէն՝ ըսելով. “Չենք ուզեր որ ասիկա թագաւորէ մեր վրայ”: Բայց երբ ան վերադարձաւ՝ թագաւորութիւնը ստանալով, իրեն կանչեց այն ծառաները՝ որոնց դրամ տուեր էր, որպէսզի գիտնայ թէ ո՛վ ի՛նչպէս շահագործած էր: Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, քու մնասդ՝ տասը մնաս վաստկեցաւ”: Ան ալ ըսաւ անոր. “Ապրի՛ս, բարի՛ ծառայ. որովհետեւ ամենափոքր բանին մէջ հաւատարիմ եղար, տա՛սը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր”: Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. “Տէ՛ր, քու մնասդ՝ հինգ մնաս բերաւ”: Եւ ըսաւ անոր. “Դուն ալ հի՛նգ քաղաքի վրայ եղիր”: Ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ. “Տէ՛ր, ահա՛ քու մնասդ՝ որ կը պահէի թաշկինակի մը մէջ ծրարած, քանի որ կը վախնայի քեզմէ. Որովհետեւ դուն խիստ մարդ մըն ես, կը վերցնես չդրած բանդ, եւ կը հնձես չսերմանածդ”: Ան ալ ըսաւ անոր. “Բերանո՛վդ պիտի դատեմ քեզ, չա՛ր ծառայ: Գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, կը վերցնեմ չդրած բանս ու կը հնձեմ չսերմանածս. ուրեմն ինչո՞ւ չտուիր իմ դրամս սեղանաւորներուն, որպէսզի եկած ատենս՝ տոկոսո՛վ պահանջէի զայն”: Քովը կայնողներուն ըսաւ. “Առէ՛ք ատկէ մնասը, եւ տուէ՛ք անոր՝ որ տասը մնաս ունի. (Ըսին իրեն. "Տէ՛ր, ան տա՛սը մընաս ունի".) որովհետեւ կը յայտարարեմ ձեզի թէ ամէն ունեցողի պիտի տրուի, ու չունեցողին՝ ունեցա՛ծն ալ պիտի առնուի իրմէ: Բայց այդ թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց վրայ թագաւորեմ, բերէ՛ք հոս եւ մեռցուցէ՛ք իմ առջեւս”»: Այս բաները խօսելէն ետք, յառաջ գնաց՝ որ բարձրանայ Երուսաղէմ: HEBREWS 7.11-25 If perfection could have been attained through the Levitical priesthood— and indeed the law given to the people established that priesthood—why was there still need for another priest to come, one in the order of Melchizedek, not in the order of Aaron? For when the priesthood is changed, the law must be changed also. He of whom these things are said belonged to 4
a different tribe, and no one from that tribe has ever served at the altar. For it is clear that our Lord descended from Judah, and in regard to that tribe Moses said nothing about priests. And what we have said is even more clear if another priest like Melchizedek appears, one who has become a priest not on the basis of a regulation as to his ancestry but on the basis of the power of an indestructible life. For it is declared: “You are a priest forever, in the order of Melchizedek.” The former regulation is set aside because it was weak and useless (for the law made nothing perfect), and a better hope is introduced, by which we draw near to God. And it was not without an oath! Others became priests without any oath, but he became a priest with an oath when God said to him: “The Lord has sworn and will not change his mind: ‘You are a priest forever.’” Because of this oath, Jesus has become the guarantor of a better covenant. Now there have been many of those priests, since death prevented them from continuing in office; but because Jesus lives forever, he has a permanent priesthood. Therefore, he is able to save completely c those who come to God through him, because he always lives to intercede for them. LUKE 19.12-28 He said: “A man of noble birth went to a distant country to have himself appointed king and then to return. So he called ten of his servants and gave them ten minas. a ‘Put this money to work,’ he said, ‘until I come back.’ “But his subjects hated him and sent a delegation after him to say, ‘We don’t want this man to be our king.’ “He was made king, however, and returned home. Then he sent for the servants to whom he had given the money, in order to find out what they had gained with it. “The first one came and said, ‘Sir, your mina has earned ten more.’ “ ‘Well done, my good servant!’ his master replied. ‘Because you have been trustworthy in a very small matter, take charge of ten cities.’ “The second came and said, ‘Sir, your mina has earned five more.’ “His master answered, ‘You take charge of five cities.’ “Then another servant came and said, ‘Sir, here is your mina; I have kept it laid away in a piece of cloth. I was afraid of you, because you are a hard man. You take out what you did not put in and reap what you did not sow.’ 5
“His master replied, ‘I will judge you by your own words, you wicked servant! You knew, did you, that I am a hard man, taking out what I did not put in, and reaping what I did not sow? Why then didn’t you put my money on deposit, so that when I came back, I could have collected it with interest?’ “Then he said to those standing by, ‘Take his mina away from him and give it to the one who has ten minas.’ “ ‘Sir,’ they said, ‘he already has ten!’ “He replied, ‘I tell you that to everyone who has, more will be given, but as for the one who has nothing, even what they have will be taken away. But those enemies of mine who did not want me to be king over them— bring them here and kill them in front of me.’ ”Jesus Comes to Jerusalem as King. After Jesus had said this, he went on ahead, going up to Jerusalem.
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առթիւ լաւագոյն բարեմաղթանքներով՝ Հոգեւոր Հովիւ, Հովիւի Օգնական եւ Ծխական Խորհուրդ
From the Pastor, Pastor’s Assistant and the Parish Council
6
Օրհնեալ ես, Տէր Աստուած, մեր փրկիչը որ ամէն ժամանակ մեզի հետ ես, եւ երբէք Քու ձեռքէդ չես ձգեր զանոնք, որ հաւատքով եւ ճշմարտութեամբ Քեզի կʼաղօթեն: Կʼաղաչենք եւ կը խնդրենք Քեզմէ, Տէր, Քու ծառաներուդ ճամբորդակից եղիր, Քու հսկողութեամբդ պահելով խաղաղութեան մէջ. եւ առաջնորդէ մեզի խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ նորէն հասնելու մեր բնակարանները, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով, որուն կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: ********* Դուն, որ կ’օրհնես քեզ օրհնաբանողները, Տէ՜ր, եւ կը սրբես քեզի վստահողները: Փրկէ քու ժողովուրդդ, օրհնէ՛ քու ժառանգութիւնդ. քու Եկեղեցիդ ամբողջ պահէ: Սրբէ՛ անոնք, որոնք սիրով յօժարեցան քու տունդ վայելուչ պահել: Փառաւորէ՛ մեզ աստուածային քու զօրութեամբդ, եւ մի՛ լքեր քեզի ապաւինողներս: Քու խաղաղութիւնդ պարգեւէ ամբողջ աշխարհին.Եկեղեցիներուն, քահանաներուն, քրիստոնեայ ղեկավարներուն, Հայոց ազգի Հայրապետութեան ու Հանրապետութեան, մեր բանակին եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին: Որովհետեւ բոլոր բարի բաները եւ բոլոր կատարեալ պարգեւները երկինքէն՝ քեզմէ՛ կու գան, ո՜վ Հայր, որ լոյսի արարիչն ես: Եւ քեզի՛ կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնը եւ պատիւը. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս եւ յաւիտենից: Ամէն:
7
Requested by Mr. Sarkis Stephen Tchilinguirian Dr. Nubar Tchilinguirian and Family Mrs. Jeanette Tchilinguirian and Family In Memory of
CHAKE TCHILINGUIRIAN On the occasion of 40th day of her passing
Requested by Mrs. Rita Musluyan Mr. & Mrs. Hagop & Dalita Dokmecian and son Ari Rev. Fr. Vasken & Yeretsgin Arpi Kuzuian and daugther Alina In Memory of The Late
SASNAYK MUSLUYAN On the occasion of 46th anniversary of his passing The Late
ADROUSHAN MUSLUYAN And The deceased members of
MUSLUYAN AND SARAFIAN FAMILIES
8
Requested by Ms Rose Aharonian In Memory of The Late
SHAVARSH & HASMIGUE AHARONIAN VAHAN & SHOUSHAN KHERBEGUIAN
Requested by Mr. & Mrs. Daniel & Alice Zarougian In Memory of The deceased members of
ZAROUGIAN AND DILENIAN FAMILIES
Requested by Mr. Abraham Tourabian In Memory of THE LATE OVSANNA CHORBAJIAN, LEVON TOURABIAN
MARY TOURABIAN, HAROUTIOUN TOURABIAN AND SARKIS TOURABIAN
REQUIEM SERVICE To register requiem services in memory of your loved ones, please contact Church office at 416-431-3001 Monday-Thursday, 9:00 am to 4:00 pm 9
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ Ի՞նչ կը նշանակէ Ապաշխարութիւն։ - Ապաշխարել կը նշանակէ հեծել, ցաւիլ, այսինքն՝ զղջումով լալ կատարած յանցանքի կամ մեղքի համար։
Ինչո՞ւ համար Ապաշխարութիւնը խորհուրդ է։ - Մարդ արարածը մեղանչական է։ Թէեւ Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներով ան կը սրբուի իր մեղքերէն եւ Աստուծոյ որդեգիր կը դառնայ, սակայն բազմիցս կը մեղանչէ իր աստուածային որդեգրութեան պայմաններուն դէմ, եւ երբ կʼանդրադառնայ իր մեղքերուն, կը զղջայ եւ կու լայ, այսինքն՝ կʼապաշխարէ, ապա Աստուած կը ներէ անոր, եւ անոր որդեգրութիւնը կը վերահաստատուի ։ Մարդու հոգեկան կեանքին մէջ կատարուած այս փոփոխութիւնը խորհուրդ է։
Կրնա՞նք հետեւցնել, մեղաւորութիւնը։
թէ
ապաշխարութիւնը
կը
քաջալերէ
- կʼուզէք ըսել՝ քանի որ ապաշխարութիւնը մեղքերէն սրբուելու միջոց է, մարդը կարող է գիտակցաբար մեղանչել, յետոյ ապաշխարիլ ու սրբուիլ։ Այսպէս մտածողներ եղած են եւ հիմա ալ կան։ Սակայն այսպէս մտածելը արդեն իսկ մեղք է եւ ներելի չէ որեւէ պարկեշտ մարդու։ Քրիստոնէական կրօնի սկզբունքն է՝ աստուածային որդեգրութեան շնորհը կենդանի պահել մտքին եւ հոգիին մէջ։ Եւ եթէ քրիստոնեան, հակառակ իր անկեղծ ջանքերուն, որեւէ կերպ մեղանչէ եւ զգայ, որ մեղքով արատաւորուած է իր քրիստոնէական նկարագիրը, ապա կարող է ապաշխարիլ եւ թողութիւն ստանալ։ Իսկ եթէ գիտակցաբար եւ դիտմամբ մեղանչէ, ապա կը չարաշահէ Աստուծոյ ներողամտութիւնը, որ ինքնին ծանր մեղք է եւ այս պարագային ապաշխարութիւնը կեղծ կʼըլլայ:
Ուրեմն, սահման կա՞յ Ապաշխարութեան մէջ։ - Աստուած չի կամենար մեղաւորի մահը։ Անսահման եւ անբաւ է Անոր գթութիւնը։ Բայց այս պատճառ չէ, որ քրիստոնեան չարաչար 10
սխալ հասկանայ աստուածային գթութեան նշանակութիւնը։ Ընդհակառակը, անոր պարտքն է արթուն եւ պատրաստ գտնուիլ ամէն մէկ պատահականութեան եւ փորձութեան դէմ՝ մեղքի հրապոյրներով չտարուելու համար։ Հետեւաբար մեղանչողը պէտք է. Ա- սրտանց զղջայ իր գործած մեղքերուն համար եւ վճռէ այլեւս չմեղանչել: Բ- ջերմեռանդութեամբ եւ երկիւղածութեամբ աղօթէ, խոստովանի Աստուծոյ առջեւ եւ թողութիւն խնդրէ, որովհետեւ Աստուծոյ համբերութիւնն ու քաղցրութիւնը մեղաւորին առիթ կʼընծայեն ապաշխարելու եւ արդարանալու [տե՜ս Հռոմ. Բ 4]։ Գ- միշտ յիշէ, որ ինք փրկուած է Յիսուս Քրիստոսի Արիւնով եւ պարտաւոր է հետեւիլ Անոր անմեղ կեանքին։ Դ- Աղօթքը չմեղանչելու ամենագործնական միջոցն է։ Ճշմարիտ աղօթողը մեղք չի գործեր եւ չի կարող գործել։
Ի՞նչ է խոստովանութիւնը։ - Երբ մարդը խորապէս կը գիտակցի իր կատարարած սխալը, կʼընդունի զայն եւ կը յայտարարէ իր խղճմտանքին, Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ առջեւ, այս խոստովանութիւն կը կոչուի, որուն անմիջապէս եւ անպայման կը հետեւի ապաշխարութիւնը։ Ինչպէս կը տեսնենք տրուած բացատրութիւններէն, խոստովանութիւնը ամենէն առաջ մարդու խղճմտանքին մէջ կը կատարուի՝ դառնալով ապաշխարութեան հիմքը. այլ խօսքով, հնարաւոր չէ ապաշխարիլ առանց խոստովանելու։
Հայաստանեայց կանոններ ունի ։
Եկեղեցին
Ապաշխարութեան
համար
ի՞նչ
- Մեր Եկեղեցին ունի քրիստոնէական վաղեմի Եկեղեցւույ կանոնները, այսինքն՝ պահք, աղօթք, հրապարակային խոստովանութիւն, զղջում, առաքինական եւ մարդասիրական գործեր ու պարտաւորութիւններ եւ այլն։ Ապաշխարութեան օրերուն աստուածային պաշտամունքի սաղմոսներն ու աղօթքները, շարականներն ու ընթերցուածները, հրապարակային խոստովանութեան ձեւերն ու կերպերը այնպիսի կարգաւորութւն ունին մեր Եկեղեցւոյ մէջ, որ անկարելի է անոնցմէ չազդուիլ եւ չապաշխարել։ 11
Ս. ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ Ս. ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ Ս. Պետրոսը Տիրոջ 12 առաքեալներէն էր, Անդրիաս առաքեալի եղբայրը, ականատեսը Տիրոջ Պայծառակերպութեան եւ Յիսուսի հետ կապուած կարեւոր միւս դէպքերու: Այս առաքեալին առաջին անգամ կը տեսնենք Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ, երբ Քրիստոս անոր մասին կʼըսէ. «Դուն Յովնանի որդի Սիմոնն ես. դուն պիտի կոչուիս Կեփաս» (Յովհ. Ա 42): «Կեփաս» կը նշանակէ «վեմ», յունարէն՝ Պետրոս: Երբ Պետրոսը Յիսուսին առաջին անգամ իր նաւակին մէջ ընդունեց, Անոր հրամանով ուռկանը կրկին անգամ ծովը նետեց եւ ուռկանը պատռուելու աստիճան ձուկերով լեցուեցաւ, Պետրոս անդրադարձաւ Անոր գերբընական զօրութեան եւ անկեղծօրէն զգալով Անոր նկատմամբ իր անարժանութիւնը՝ ըսաւ. «Իմ մօտէս հեռացի՛ր, Տէր, ես անարժան մարդ մըն եմ»: Յիսուս անոր սրտապնդելով ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ասկէ ետք երկինքի արքայութեան համար մարդկանց որսորդ պիտի ըլլաս»: Պետրոսի մեծութեան գագաթը իր ծանօթ դաւանութիւնն է, որ Քրիստոս «Մեսիան է եւ Աստուծոյ Որդին», որուն համար Յիսուս երկրորդ անգամ զայն «վեմ» կոչեց: Պետրոս իր կեանքի նուաստագոյն օրը ապրեցաւ Քրիստոսի ձերբակալման գիշեր, երբ երեք անգամ ուրացաւ Անորա: Ապա խորապէս զղջաց եւ դառնօրէն լացաւ: Յիսուս ներեց անոր եւ վերահաստատեց իր 12
առաքելութեան մէջ: Հոգեգալուստէն անմիջապէս ետք ան է, որ յանուն իր ընկերներուն, այդ հրաշալի երեւոյթի իմաստը կը բացատրէ : Պետրոս քրիստոնեական առաջին քարոզը եւ Քրիստոսի յարութեան առաջին վկայութիւնը կու տայ, այսպիսով կը շահի, երեք հազար նորադարձներու երախայրիքը: Որոշ ժամանակ անց Հերովդէս թագաւորի կողմից կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի, բայց Աստուածային միջամտութեամբ նոյն գիշերը կʼազատուի բանտէն: Նոր Կտակարանին մէջ կը յիշատակուին շատ մը այլ գործիչներ, որոնց նոյնպէս «առաքեալ» պատուանունը կը տրուի: Անոնցմէ մեծագոյնը Պօղոս առաքեալն է: Թէեւ, Պօղոս Յիսուսին տարեկից է, սակայն ոչ մէկ նշում կայ Աւետարաններուն մէջ, որ ան Յիսուսին Անոր կենդանութեան օրոք տեսած ըլլայ: Պօղոսը երեք մշակոյթներու կրողն էր: Ծնունդով եւ կրօնով հրեայ էր, ուսումով եւ լեզուով՝ յոյն, քաղաքացիութեամբ՝ հռոմէացի: Իր ամբողջ հնարաւորութիւնները եւ կարողութւնները ի ըսպաս դրաւ Աստուծոյ արքայութեան քարոզչութեան: Արդարացիօրէն եւ իրաւացիօրէն եղաւ «Ծառայ Յիսուս Քրիստոսի», ինչպէս որ կը սիրէր ինքն իրեն կոչել՝ նամակներուն մէջ: Քանի որ կը պայքարէր հրեական ծիսամոլութեան դէմ, բազմաթիւ անգամներ ենթարկուած է շարունակական հալածանքներու եւ չարչարանքներու: Շուրջ հինգ տարի բանտարկութեան մէջ անցուցած է Երուսաղէմի, Կեսարիոյ եւ Հռոմի մէջ, հինգ անգամ գանակոծութեան ենթարկուած է եւ շարունակ տաժանակիր եւ հոգնեցուցիչ ճամփորդութիւններու մէջ եղած: Հայ Առաքելական եկեղեցին Պետրոսի Առաքեալի յիշատակը կը տօնէ Պօղոս Առաքեալի հետ միասին «Գլխաւոր Առաքեալներ» անուամբ, Սուրբ Ծնունդին նախորդող աւագ տօներու ընթացքին: 13
Dontations Received between Dec. 20-26, 2019 91st Anniversary of The Holy Trinity Armenian Church (Continuation) Mr. & Mrs. Abraham & Jennifer Baboujian $1000, Mr. & Mrs. Levon & Silva Mermer $1000, Ms Rose Aharonian $ 950, Mr. Joseph Yeremian $200. Christmas Donation: Mrs. Nayre Garabet $2000, Mr. Nazar Simon $300, Ms Sona Mirzoian $200, Ms Hersebma Manook $200, Mrs. Azaduhi Torus $150, Mrs. Arpine Altounian $100, Ms Arpi Mar $100, Ms Taleen Wartanian $100, Mr. & Mrs. George & Mary Ternamian $100, Mr. Levon Keoprulian $100, Mr. & Mrs. Artin & Isabella Terzian $100, Mrs. Anahid Ariado $50, Ms Juliet Mirzakhanian $50, Mr. Vartavar Garuyan $50, Mr. Berc Kirmizian $20, Ms Hilda Eramian $20. In Memory of: The Late Ovsanna Chorbajian & Levon Tourabian: Mr. Abraham Tourabian $100 The late Khatoun Eminian: Mr. Arman Margossian $100 The Late Yervant Artinian: Mrs. Maral Hasserjian $20 The Late Khachig Jelladian: Mrs. Sona Haji Narenian $50, Ms Patil Zeroghlian $50 Deceased Members of Jelladian & Abajian Families: Mr. & Mrs. George & Sis Abajian $100 Membership: Mr. & Mrs. Levon & Halina Keoprulian $140 Louma: Ms Sona Mirzoyan $50, Mr. & Mrs. Ohannes & Anjel Citak $40, Mr. & Mrs. Ares & Elmas Mamasoglu $40, Ms Karine Sargsyan $20, Mr. Ara Der Haroutyuonian $20. Baptism: Narsis Family General:, Mr. & Mrs. Michael & Anna Michaelian $50, Ms Peggy Restoukian $20 14
Ս. Սեղանի ծաղիկներու եւ «Շող» Կիրակնօրեայ Թերթիկի նուիրատու՝
ՌՈԶ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ Ի Յիշատակ սիրեցեալ Մօրեղբօր եւ Մօրաքրոջ Ննջեցեալներ`
ՎԱՀԱՆ ԵՒ ՇՈՒՇԱՆ ԽԷՐՊԷԿԵԱՆՆԵՐՈՒ Ս. Խորանի Ծաղիկներու պատրաստում՝ “Flowers of the World”
The Altar Flowers and ‘Shogh’ Sunday Bulletin are sponsored by
MS ROSE AHARONIAN In loving Memory of her Uncle & Aunt The Late
VAHAN AND SHOUSHAN KHERBEGUIAN Altar Flowers provided by “Flowers of the World”
SHOGH BULLETIN & ALTAR FLOWERS Parishioners, who would like to sponsor Shogh Bulletin and the Altar flowers in memory or in honour of their loved ones on a special occasion, please contact the church office at 416-431-3001 or info@TorontoArmenianChurch.com You are welcome to register your name & contact info on the calendar stand located at Church lobby.
APPRECIATION We thank all our donors for supporting Holy Trinity Armenian Church through their heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous, please contact the Church office and inform the administration. Tel: 416-431-3001 Email: info@TorontoArmenianChurch.com 15
ՍԲ. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԲԱՐԵՒ ԿԵԴՐՈՆԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ԿԻՐԱԿԻ Ս. Պատարագ – Իւրաքանչիւր Կիրակի առաւօտ 9:30 ժամերգութիւն եւ Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 10:30 Սուրբ Պատարագ 12:00 Հոգեհանգիստ 10:30 - 13:00 «Մարիօ Կիւմուշճեան» Հոգեւոր Գրադարան 10:30 - 12:30 Կիրակնօրեայ Վարժարան (3-14 տարեկաններու համար) ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ Երեկոյան ժամը 8:00-ին՝ Աստուածաշունչի Սերտողութիւն (Անգլերէն) 19:00 - 20:00 «Սասուն» պարախումբի կրտսերներու փորձ 20:00 - 22:00 «Սասուն» պարախումբի աւագներու փորձ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ 10:30 - Առաւօտեան Ժամերգութիւն, Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 11:00 Աստուածաշունչի Սերտողութիւն (Հայերէն) ՈՒՐԲԱԹ 19: 30 -ին Ժամերգութիւն եւ Բժշկութեան Աղօթք Հիւանդներու համար 20:00 -ին Զրոյց Քահանայի հետ 20:00 - 22:30 Ընտանեկան Երեկոյ (Potluck, խաղեր, երաժշտութիւն) 19:00 - 20:00 «Սասուն» պարախումբի կրտսերներու փորձ 20:00 – 22:00 «Սասուն» պարախումբի աւագներու փորձ ՇԱԲԱԹ 9:30-13:30 - Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարան 13:30-14:30 – Արտադասարանային ծրագիր (գծագրութիւն, մարզանք, պար, ճատրակ) Վայր՝ 25 Forest Manor Rd, North York. 16
HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH AND BAREV CENTRE’S WEEKLY SCHEDULE OF ACTIVITIES SUNDAY Divine Liturgy – Every Sunday 9:30 am Morning Service & Prayer for the sick 10:30 am Divine Liturgy 12:00 pm Requiem Service 10:30 am to 12:30 pm “Mario Gumushdjian” Christian Library 10:30 am to 12:30 pm Sunday School for 3 to 14 years old children TUESDAY 8 pm to 9:30 pm Bible Study in English 7:00 pm to 8:00 pm “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Juniors) 8:00 pm to 10:00 pm “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Seniors) THURSDAY 10:30 am - Morning Service & Prayer for the Sick 11:00 am - Bible Study in Armenian FRIDAY 7:30 to 8:00 pm 8:00 to 9:00 pm 8:00 to 10:30 pm 7:00 to 8:00 pm 8:00 to 10:00 pm
Evening Vesper & Prayer for the Sick Conversation with Clergy Family Gatherings (Potluck, games, music & more) “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Juniors) “Sassoun” Dance Ensemble Practice (Seniors)
SATURDAY 9:30 am to 1:30 pm - St. Sahag and St. Mesrob Armenian Saturday School 1:30 pm to 2:30 pm - After school programs (Arts, Sports, Dance, Chess) Location: 25 Forest Manor Rd, Toronto www.armenianschool.ca
17
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հովիւի Օգնականն ու Ծխական Խորհուրդը կը շնորհաւորեն Սելեան եւ Խաչատուրեան ընտանիքները իրենց զաւակներու ԶՕՅԻ ՍԵԼԵԱՆԻ ԵՒ ՏԱՆԻԷԼ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ Ս. Մկրտութեան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ 21 Դեկտեմբեր 2019 –ին CONGRATULATION The Pastor, Pastor’s Assistant and the Parish Council of the Holy Trinity Armenian Church congratulate andextend their best wishes to Selyan & Khachadoorian Families on the occasion of their children’s ZOEY SELYAN & DANIEL KHACHADOORIAN Baptism that took place on December 21, 2019
We're pleased to invite you to visit
ARAZ BOGHOSSIAN'S PHOTOGRAPHY EXHIBITION At Holy Trinity Armenian Church until January 6, 2020. Mr. Boghossian will donate photos to the Church on the occasion of 91st Anniversary of the establishment of this parish. 920 Progress Avenue, Toronto Tel: 416-431-3001 *** Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ այցելելու ԱՐԱԶ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ մինչեւ 6 Յունուար 2020 Շնորհակալութեամբ կ՛ուզենք տեղեկացնել, որ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 91րդ ամեակին առթիւ, տիար Պօղոսեան, ցուցահանդէսի վաճառքի հասոյթը ամբողջութեամբ կը նուիրէ եկեղեցւոյս 18
HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH CHOIR ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ
19
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com 920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 20