ԿԱՐԳ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑՆ ՄԵՐՈՑ

Page 1

1


ԿԱՐԳ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑՆ ՄԵՐՈՑ, ՈՐՔ ԿԱՏԱՐԵՑԱՆ ՅԸՆԹԱՑՍ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՍՆ ՀԱՒԱՏՈՅ ԵՒ ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ԸՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Որ կը կատարուի Սրբոց Նահատակաց տօնին առթիւ

ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻ Ի ԹՈՐՈՆԹՕ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 23 ԱՊՐԻԼ 2020

2


ԿԱՐԳ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑՆ ՄԵՐՈՑ, ՈՐՔ ԿԱՏԱՐԵՑԱՆ ՅԸՆԹԱՑՍ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՍՆ ՀԱՒԱՏՈՅ ԵՒ ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ Հանդիսադիրն Օրհնեալ Տէր ﬔր Յիսուս Քրիստոս. ամէն: Հայր մեր որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո: Եկեսցէ արքայութիւն քո. եղիցին կամք քո որպէս յերկինս եւ յերկրի: Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր: Եւ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց: Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն. այլ փրկեա զմեզ ի չարէն: Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս. ամէն: Սարկաւագ. Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք ընկալ կեցո եւ ողորﬔա: Հանդիսադիրը. Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ ﬕշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

3


Դպիրները. ՀՐԱՇԱՑԱՆ ՊԱԿՈՒՑՄԱՄԲ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՇԱՐԱԿԱՆ - ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԴԿ Հրաշացան պակուցմամբ բազմութիւնք երկնայինք եւ մեծաւ պըշուցմամբ զահի հարան ազինք` տեսանելով զհին Եդեմ` ասպարէզ հանդիսի դըժոխաբորբ հըրոյն կայինական ախտին, եւ զնոր պատարագ այս նորոյս Յաբէլի, որոյ գոչումն արեան յարաժամ խօսի. Տէր սուրբ եւ ճշմարիտ, մինչեւ յե՞րբ ոչ դատիս եւ ոչ խնդրես ըզվրէժ արեան մերոյ բնակչաց երկրի: Պատկերք հարազատք Գառինըն Աստուծոյ, Որք ի զենումն վարեցան եւ եղեն ողջակէզք. իբրեւ զորոչս անարատս՝ որք կային առաջի անբանական ազդմամբ գազանացեալ յօշոտաց. այնպէս եւ ոչ բացին զբերանս իւրեանց առ ի յուրանալ զՏէր եւ զհայրենիս. Տէր սուրբ եւ ճշմարիտ, մինչեւ յե՞րբ ոչ դատիս եւ ոչ խնդրես ըզվրէժ արեան մերոյ բնակչաց երկրի: Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն: Եդին զանձինս ի վերայ հայրենեաց եւ բնիկ օրինաց, կարգաց, աւանդութեանց. Ոչ փոխանակեալ զադամանդեան միամտութիւն հաւատոց ընդ փափուկ վայելմանց անցաւոր այս կենաց. Եւ զօրէն ցորենոյ ի յերկիր բարի անկեալ` Աճեցին ընդ միոյ հարիւրապատիկ. Տէր սուրբ եւ ճշմարիտ, մինչեւ յե՞րբ ոչ դատիս եւ ոչ խնդրես ըզվրէժ արեան մերոյ բնակչաց երկրի: Սարկաւագ. ՍԱՂՄՈՍ 33:16-23 Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են 4


Ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։ Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է, Անոնց յիշատակը երկրէն բնաջնջելու համար։ Արդարները կ՚աղաղակէն ու Տէրը կը լսէ Ու իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք։ Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է Ու հոգիով խոնարհածները կ՚ապրեցնէ։ Արդարին նեղութիւնները շատ են, Բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա։ Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ, Անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր։ Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ Ու արդարը ատողները պիտի դատապարտուին։ Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ Եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի։ Քահանայ. ՍԱՂՄՈՍ 5:12 Ալէլուիա, Ալէլուիա. Ուրախ լիցին ամենեքեան ոյք յուսացեալ են ի քեզ, յաւիտեան ցնծասցեն, եւ բնակեսցես դու ի նոսա. պարծեսցին ի քեզ սիրելիք անուան քո: ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ Պօղոս առաքեալի կողմէ Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակէն (10. 32-39) Ուրեմն վերյիշեցէ՛ք նախկին օրերը, երբ՝ լուսաւորուելէ ետք՝ տոկացիք չարչարանքներու մեծ մարտի մը. երբեմն տեսարան եղաք՝ նախատինքներով ու տառապանքերով, երբեմն ալ հաղորդակցեցաք այդպիսի վիճակի մէջ եղողներուն հետ: Որովհետեւ 5


իմ կապերուս մէջ ինծի՝՝ կարեկցեցաք, եւ ձեր ինչքին յափշտակւիլը ընդունեցիք ուրախութեամբ, գիտնալով թէ ձեզի համար լաւագոյն ու մնայուն ինչքեր ունիք երկինքը: Ուրեմն մի՛ լքէք ձեր համարձակութիւնը, որ ունի մեծ վարձատրութիւն: Որովհետեւ համբերութիւն պէտք է ձեզի, որպէսզի ստանաք խոստումը՝ գործադրած ըլլալով Աստուծոյ կամքը: Քանի որ «քիչ մը ատենէն պիտի գայ ա՛ն՝ որ գալիք է, ու պիտի չուշանայ: Եւ արդարը հաւատքո՛վ պիտի ապրի. իսկ եթէ մէկը ընկրկի, իմ անձս պիտի չբարեհաճի անոր»: Բայց մենք անոնցմէ չենք՝ որ կ՚ընկրկին կորուստի համար, հապա անոնցմէ՝ որ կը հաւատան, իրենց անձին փրկութեան համար: ԱՒԵՏԱՐԱՆ Դպիրներ. ՍԱՂՄՈՍ 65:12 Ալէլուիա, ալէլուիա Անցուցեր զմարդիկ ի վերայ գլխոց մերոց. անցաք մեք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, եւ հաներ զմեզ ի հանգիստ: Սարկաւագ. Ալէլուիա, Օրթի Քահանայ. Խաղաղութիւն աﬔնեցուն Դպիրներ. Եւ ընդ հոգւոյդ քում Սարկաւագ. Երկիւղածութեամբ լուարուք Քահանայ. Սրբոյ Աւետարանիս Յիսուսի Քրիստոսի՝ որ ըստ Յովհաննու (14. 1-13) 6


Դպիրներ. Փառք քեզ, Տէր Աստուած ﬔր Սարկաւագ. Պռօսխումէ Դպիրներ. Ասէ Աստուած Քահանայ. Տէրն ﬔր Յիսուս Քրիստոս ասէ. «Ձեր սիրտը թող չվրդովի. հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի: Շատ բնակարաններ կան իմ Հօրս տան մէջ. եթէ այդպէս չըլլար, միթէ պիտի ըսէի՞ ձեզի թէ կ՚երթամ՝ որ տեղ պատրաստեմ ձեզի: Երբ երթամ եւ տեղ պատրաստեմ ձեզի, դարձեալ պիտի գամ ու քովս ընդունիմ ձեզ, որպէսզի ո՛ւր ես եմ՝ դո՛ւք ալ հոն ըլլաք: Գիտէք ո՛ւր կ՚երթամ, գիտէք նաեւ ճամբան»: Թովմաս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՛ւր կ՚երթաս, եւ ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ ճամբան»: Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնն ու կեանքը. ո՛չ մէկը կու գայ Հօրը քով՝ բայց միայն ինձմով: Եթէ ճանչնայիք զիս՝ պիտի ճանչնայիք նաեւ իմ Հայրս. եւ այժմէն իսկ կը ճանչնաք զայն, ու տեսած էք զայն»: Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ցո՛յց տուր մեզի Հայրը, ու կը բաւէ մեզի»: Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛յսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ, եւ չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս: Ա՛ն որ տեսաւ զիս՝ տեսաւ Հա՛յրը. դուն ի՞նչպէս կ՚ըսես. “Ցո՛յց տուր մեզի Հայրը”: Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրը մէջն եմ, ու Հայրը իմ մէջս է: Այն խօսքերը՝ որ կ՚ըսեմ ձեզի, ես ինձմէ չեմ ըսեր. հապա Հայրը՝ որ բնակած է իմ մէջս, անիկա՛ կ՚ընէ այդ գործերը: Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրը մէջն եմ, ու Հայրը իմ մէջս է: Այլապէս՝ գոնէ գործերո՛ւն համար հաւատացէք ինծի: Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի, ի՛նք ալ պիտի ընէ այն գործերը՝ որ ես կ՚ընեմ, եւ անոնցմէ աւելի՛ մեծ գործեր պիտի ընէ, որովհետեւ ես կ՚երթամ Հօրս քով”: Ի՛նչ որ խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի ընեմ զայն, որպէսզի Հայրը փառաւորուի Որդիով: Եթէ որեւէ բան խնդրէք իմ անունովս, պիտի ընեմ»:

7


ՄԱՂԹԱՆՔ Քահանայ. Քրիստոս Աստուած մեր, վասն խաչի քո պատուականի. Զխաղաղութիւն քո տուր մեզ, Տէր: Դպիրներ. Տուր մեզ, Տէր: Քահանայ. Վասն սրբոց քոց առաքելոց, մարգարէից, վարդապետաց, մարտիրոսաց, հայրապետաց, ճգնաւորաց, կուսանաց, միանձանց եւ երկնային զօրացն. զխաղաղութիւն քո տուր մեզ, Տէր: Դպիրներ. Տուր մեզ, Տէր: Քահանայ. Եւ վասն նախկին լուսաւորչացն մերոց Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի առաքելոցն, եւ սրբոյն Գրիգորի մերոյ լուսաւորչին եւ սրբոցն՝ Յակոբայ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէի ճգնաւորին, Մելիտոսի եպիսկոպոսին, եւ Գէորգայ զօրավարին: Բարեխօսութեամբ, յիշատակաւ եւ աղօթիւք սրբոց նահատակացն մերոց, որք կատարեցան յընթացս Մեծի Ցեղասպանութեանն Հայոց վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց, որոց այսօր է յիշատակ. Զխաղաղութիւն եւ զմեծ զողորմութիւն քո պարգեւեա մեզ, մարդասէր Տէր: Դպիրներ. Յաւիտենական յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: Եղիցի, եղիցի: Սարկաւագ. ՔԱՐՈԶ Սուրբ ճգնաւորներով հանդերձ կ՚աղաչենք Տիրոջ, որոնք չարերուն յաղթեցին, նեղութիւններուն համբերեցին. լուսեղէն եւ երկնային անթառամ պսակներուն արժանի եղան: Թող անոնց աղօթքներով եւ բարեխօսութեամբ ողորմէ՛ մեզի: Ամենակալ Տէր Աստուած մեր. Ապրեցո՛ւր մեզ եւ ողորմէ՛ մեզի:

8


Քահանայ. ԱՂՕԹՔ Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա: Սուրբերու Պսակի՛չ, Քրիստո՛ս, որ կը պսակես Քու սուրբերդ եւ կը կատարես Քեզմէ երկիւղածներուն կամքը եւ սիրով ու քաղցրութեամբ կը նայիս Քու արարածներուդ, լսէ՛ մեզի Քու Սրբութեանդ երկինքէն, բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածնին եւ աղաչանքներով Քու բոլոր սուրբերուդ եւ մեր սուրբ նահատակներուն, որոնք կատարեցան հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին՝ 1915 թուականին, վասն հաւատքի եւ վասն հայրենիքի: Լսէ՛ մեզի, Տէ՛ր, եւ ողորմէ՛, ներէ՛, քաւէ՛ եւ թողութի՛ւն տուր մեր մեղքերուն: Արժանաւորէ՛ գոհութեամբ փառաւորել Քեզ Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյդ հետ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն: Սարկաւագ. ՔԱՐՈԶ Սուրբ Խաչով Տիրոջը աղաչենք, որպէսզի սրանով փրկէ մեզ մեղքերէն եւ Իր ողորմութեան շնորհով պահէ մեզ: Ամենակալ Տէր Աստուած մեր, ապրեցու՛ր մեզ եւ ողորմէ՛ մեզի: Հանդիսադիրը. ԱՂՕԹՔ Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա: Պահպանիչ եւ հաւատացեալներու յոյս, Քրիստոս Աստուած մեր, պահէ պահպանէ եւ օրհնէ Հայոց ազգը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին. Քու Սուրբ եւ պատուական Խաչիդ հովանիին ներքեւ, խաղաղութեան մէջ. փրկէ եւ ազատէ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներէն, արժանաւորէ գոհութեամբ փառաւորենք Քեզ ընդ Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյն. այժմ եւ ﬕշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն: 9


Օրհնեալ Տէր ﬔր Յիսուս Քրիստոս. ամէն: Հայր մեր որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո: Եկեսցէ արքայութիւն քո. եղիցին կամք քո որպէս յերկինս եւ յերկրի: Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր: Եւ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց: Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն. այլ փրկեա զմեզ ի չարէն: Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս. ամէն: Օրհնեալ ըլլաք Սուրբ Հոգիին շնորհներով, խաղաղութեամբ գացէք եւ Տէրը ձեր բոլորին հետ ըլլայ. ամէն։

֍

10


11


12


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.