ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 15 SEPTEMBER, 2019 – No. 5
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN
ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ (ԽԱՉՎԵՐԱՑ) THIS SHOGH IS SPONSORED BY MR. & MRS. MADAT & TAMAR MAMOURIAN AND FAMILY
ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ (ԽԱՉՎԵՐԱՑ) ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 49:13-23 ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 6:14-18 ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 3:13-21
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Առաւօտեան ժամը 10։30-ին Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝
ԱՐԺ. Տ. ԶԱՐԵՀ Ա. ՔՀՆՅ. ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ Փոխառաջնորդ եւ Հոգեւոր Հովիւ
EXALTATION OF THE HOLY CROSS SYNAXIS READINGS ISAIAH 49:13-23 GALATIANS 6:14-18 JOHN 3:13-21
DIVINE LITURGY at 10:30 AM Celebrated by:
REV. ARCHPRIEST FR. ZAREH ZARGARIAN Vicar and Parish Priest
Choirmaster: MR. SHAHE ALTOUNIAN Organist: MRS. DIANA WANES 2
ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ SYNAXIS READINGS ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԷՆ 6:14-18 Բայց ես ամե՛նեւին պիտի չպարծենամ, այլ միայն մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչով. Անով աշխարհը խաչուած է ինծի համար, ես ալ՝ աշխարհի: Որովհետեւ Քրիստոս Յիսուսով ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ անթլփատութիւնը, հապա՝ նոր արարած ըլլալը: Խաղաղութիւն ու ողորմութիւն բոլոր անոնց վրայ՝ որ այս կանոնին համաձայն կ՚ընթանան, եւ Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ: Ասկէ ետք ո՛չ մէկը թող անհանգստացնէ զիս. Որովհետեւ ես մարմինի վրայ կը կրեմ Տէր Յիսուսի վէրքին սպիները: Եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր հոգիին հետ: Ամէն: ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 3:13-21 Ո՛չ մէկը երկինք բարձրացաւ, բացի անկէ՝ որ երկինքէն իջաւ, մարդու Որդին՝ որ երկինքն է: Եւ ինչպէս Մովսէս բարձրացուց օձը անապատին մէջ, այնպէս պէտք է որ բարձրանայ մարդու Որդին. Որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը: Որովհետեւ Աստուած ա՛յնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ անգամ տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը: Քանի որ Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին՝ ո՛չ թէ աշխարհը դատապարտելու, հապա՝ որպէսզի աշխարհը փըրկւի անով: Ա՛ն որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր, իսկ ա՛նոր չի հաւատար՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, որովհետեւ չհաւատաց Աստուծոյ միածին Որդիին անունին: Սա՛ է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ սիրեցին խաւարը՝ փոխանակ լոյսին, քանի որ 3
իրենց գործերը չար էին: Որովհետեւ ո՛վ որ չարիք կը գործէ, անիկա կ՚ատէ լոյսը եւ չի գար լոյսին քով, որպէսզի չկըշտամբուին իր գործերը: Բայց ա՛ն որ կը կիրարկէ ճշմարտութիւնը՝ կուգայ լոյսին քով, որպէսզի իր գործերը յայտնաբերուին թէ գործուեցան Աստուծմով»: GALATIANS 6:14-18 May I never boast except in the cross of our Lord Jesus Christ, through which a the world has been crucified to me, and I to the world. Neither circumcision nor uncircumcision means anything; what counts is the new creation. Peace and mercy to all who follow this rule—to the Israel of God. From now on, let no one cause me trouble, for I bear on my body the marks of Jesus. The grace of our Lord Jesus Christ be with your spirit, brothers and sisters. Amen. JOHN 3:13-21 No one has ever gone into heaven except the one who came from heaven—the Son of Man. Just as Moses lifted up the snake in the wilderness, so the Son of Man must be lifted up, hat everyone who believes may have eternal life in him.” For God so loved the world that he gave his one and only Son, that whoever believes in him shall not perish but have eternal life. For God did not send his Son into the world to condemn the world, but to save the world through him. Whoever believes in him is not condemned, but whoever does not believe stands condemned already because they have not believed in the name of God’s one and only Son. This is the verdict: Light has come into the world, but people loved darkness instead of light because their deeds were evil. Everyone who does evil hates the light, and will not come into the light for fear that their deeds will be exposed. But whoever lives by the truth comes into the light, so that it may be seen plainly that what they have done has been done in the sight of God. 4
ՇԱԲԹՈՒԱՆԱՂՕԹՔԸ ԱՂՕԹՔԸ ՇԱԲԹՈՒԱՅ PRAYER OF OF THE THE WEEK WEEK PRAYER ԽԱՉԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐ ՇԱՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ԽԱՉԻ Կենարար Խաչը, որ մեզի փրկութիւն եղաւ, ասով ամէնքս քեզ կը բարեբանենք: Որ լոյսի Հօրմէ լոյս ճառագայթեց երկրի վրայ եւ հաւատացեալներուն զօրութեան գաւազան եղաւ, ասով ամէնքս քեզ կը բարեբանենք: Որ լուսափայլ ծագումով հրաշափառապէս երեւցաւ մեզի, իբրեւ զօրութիւն թշնամիին դէմ, ասով ամէնքս քեզ կը բարեբանենք: ԱՂՕԹՔ Պահպանէ մեզ, Քրիստոս Աստուած մեր, սուրբ եւ պատուական Խաչիդ հովանիին տակ, խաղաղութեան մէջ. փրկէ տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիէն. արժանի ըրէ գոհութեամբ փառաւորելու Քեզ, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից, ամէն: ԺԱՄԱՄՈՒՏ Քու պատուական եւ ամենայաղթ Խաչիդ առջեւ խոնարհելով կ'երկրպագենք, եւ թողութիւն կը խնդրենք մեր յանցանքներուն, որովհետեւ ասով վերցուցիր մարդկային ցեղին դատապարտութիւնը: Եւ հիմա, Քու աստուածային սուրբ Նշանիդ համար, շնորհէ Քու երկնային խաղաղութիւնդ ամբողջ աշխարհի: 5
ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ THIS SUNDAY ՏՕՆ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ԿԱՄ ՎԵՐԱՑՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ Այս Կիրակի, Սեպտեմբեր 15-ին Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Խաչի Վերացման Տօնը: Խաչվերացը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է։ Խաչվերացի տօնը կը յիշատակէ Հերակլ Կայսեր կողմէ Քրիստոսի խաչափայտը պարսից գերութենէ ազատագրելը եւ Երուսաղէմ վերադարձնելը: 610 թուականին, իր հզօրութեան գագաթնակէտին հասած Պարսկաստանի Խոսրով թագաւորը կը յարձակի Բիւզանդիոնի վրայ։ 614-ին պարսից զօրքերը կը մտնեն Երուսաղէմ: Ներխուժելով Ս. Յարութեան տաճարը, անոնք կը գերեվարեն այնտեղ պահուող Խաչափայտը, որու վրայ խաչուած էր մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս։ Տիրոջ Խաչը կը տարուի Պարսկաստան եւ մեծ փառքի կ՚արժանանայ։ Տեղացիները Խաչափայտին հետ կը վար-ւին մեծ երկիւղածութեամբ, ըսելով՝ թէ քրիստոնեաներուն Աստ-ւածը իրենց մօտ է։ Խաչի միջոցով կը կատարուին բազմաթիւ հրաշքներ, շատեր դարձի կու գան եւ կ՚ընդունին քրիստոնէու-թիւնը։ Այնուհետեւ Յունաց Հերակլ կայսրը Խաչափայտը գերու-թենէ ազատելու համար պատերազմի կ՚ելլէ Պարսից Խոսրով ար-քայի դէմ։ Անոր կ՚օգնեն նաեւ հայկական զօրքերը։ Պատերազմը յաջողութեամբ կ՚աւարտի եւ Տէրունական Խաչափայտը կ՚ազատագըրուի։ Յաղթական Ս. Խաչը հանդիսաւոր թափօրով հայոց Կարին (Էրզըրում) քաղաքէն անցնելով կը տարուի Կ. Պոլիս, ուր երեք տարի պահուելէ ետք կը փոխադրուի Երուսաղէմ։ Անձամբ՝ կայսրը իր ուսերուն դրած Խաչը կը բարձրացնէ Գողգոթայի գագաթը, զայն տեղադրելով վերանորոգուած Ս. Յարութիւն տաճարին մէջ։ Այստեղէն ալ անուանումը՝ Խաչվերաց, որ կը նշանակէ Խաչին վերացումը, այսինքն՝ Խաչի բարձրացումը։ Խաչվերացի նախորդող Շաբաթ օրը կը կոչուի Նաւակատիք, իսկ Խաչվերացին յաջորդող Երկուշաբթին Մեռելոց Յիշատակութ-եան օր է: Համաքրիստոնէական այս տօնը միւս եկեղեցիները կը տօնեն 6
Սեպտեմբեր 14-ին, իսկ Հայց. Առաք. եկեղեցին այն կը նշէ Սեպտեմբեր 14-ին ամէնէն մօտ Կիրակիին:
FEAST OF EXALTATION OF HOLY CROSS This Sunday, September 15, the Armenian Church will celebrate the Feast of the Exaltation of the Holy Cross. This is the last of the five tabernacle feasts on our church calendar. The Exaltation refers to the return of the True Cross (on which Christ was crucified) from imprisonment and its ceremonious elevation. In 610 A. D, the Persian King Khosrov attacks the Byzantine Empire and in 614 A. D. the Persian army enters Jerusalem. The Persians seized the Cross of our Lord and took it to Persia. 14 years later, the Emperor Heraclius recaptured the Cross. First he took it to Constantinople, passing by the Armenian city of Garin and 3 years later back to Jerusalem. Patriarch Zakariah of Jerusalem decorated the Cross with flowers and elevated it on the Hill of Calvary. The other traditional churches celebrate this Feast on September 14th but the Armenian Church celebrates Feast of Exaltation of Holy Cross on the Sunday nearest to September 14th.
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Խաչվերացի տօնին կը կատարուին ուխտագնացութիւններ, յատկապէս դէպի Սուրբ Խաչանունը կրող եկեղեցիներն ու վանքերը: Ամենամեծ ուխտագնացութեան տեղերէն էր Կարնոյ լեռներու ստորոտին գտնուող Խաչկայ վանքը: 7
Խաչվերացի տօնին օրը կը կատարուի Խաչի թափօր եւ եկեղեցւոյ մեծ խաչը կը զարդարուի ծաղիկներով եւ ռեհանի տերեւներով ու կը կատարուի կարգ Անդաստանի: Անդաստանի աւարտին ռեհանը կը բաժնուի հաւատացեալներուն: Ժողովուրդը ռեհանը կը համարէ խաչի ծաղիկ: Վասպուրականի մէջ տարածուած էր տօնի կապակցութեամբ համեմով յատուկ հաց թխելու եւ զայն աղքատներուն բաժնելու սովորութիւնը: Մուսալեռցիները Խաչվերացի տօնին (Խաչեյն Զադագ) ուխտի կ'երթային Թովմաս առաքեալի վանքը, ու հոն հարիսա կը պատրաստէին: Ուխտաւորները իրենց հետ մատաղացու կենդանիներ եւ ցորեն կը բերէին, իսկ հարիսա պատրաստելը կը համարուէր Եօղունօլուքցիներու մենաշնորհը:
THE TRADITIONS OF FEAST OF HOLY CROSS On the Feast of Khatchverats Pilgrimages would take place, especially to churches and monasteries caring the name of the Holy Cross. One of the most famous pilgrimage sites was the monastery of Holy Cross near Karin. For the feast, the main cross of the church was decorated especially with basil leaves. This decorated cross would lead the procession of Andastan. At the end of the procession the basil was distributed to the faithful. People also call basil the flower of Cross. On the occasion of the feast in the province of Vasbouragan it was customary to bake a special bread with herbs and share it with poor. In the region of Musa Dagh, during the Feast of Exaltation of Holy Cross the pilgrims would go to the monastery of St. Thomas the Apostle. They would bring the animals for offering and the wheat to prepare 8
traditional harissa. Preparation of harissa was considered to be the privilege of the pilgrims from the village of Yoghounolouk ՆԱՒԱԿԱՏԻՔ Խաչվերացի տօնին նախորդող Շաբաթ օրը նաւակատիք է, այս տարի Սեպտեմբեր 14-ին: Այդ օրը, ինչպէս նաև Խաչվերացին յաջորդող Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը Սուրբ եկեղեցւոյ տօնն է: Ան կը խոհրդանշէ Երուսաղէմի Ս. Յարութեան մեծ տաճարի շինուիլը եւ անոր նուիրագործելու եւ օծելու օրը: Նաւակատիքը կրօնական իմաստով կը նշանակէ Նորաշէն եկեղեցւոյ մը օծման, առաջին նուիրագործութեան եւ կամ օծման տարեդարձի հանդէս: Հայ եկեղեցին Նաւակատիքներ կը կատարէ նաեւ մեծ տօներու նախընթաց օրը, պահքի խստութիւնը մեղմացնելու համար: Թէեւ պահքին մսեղէնը խստիւ արգիլուած է, սակայն պահքի նաւակատիքին Պատարագէն յետոյ կ'արտօնուի ձկնեղէնի ու կաթնեղէնի օգտագործումը: Այս մեղմացուած պահքի կերակուրը նոյնպէս կը կոչուի Նաւակատիք: Հայ եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներու նախընթաց օրերն ալ նաւակատիք են: Վարդավառի, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման ու Խաչվերացի նախընթաց Շաբաթ օրը, առաւօտեան Պատարագէն յետոյ եւ Ս. Ծննդեան ու Ս. Յարութեան ճրագալոյցներու երեկոյեան Պատարագէն յետոյ կաթնեղէն ու ձկնեղէն գործածելը նոյնպէս Նաւակատիք է: NAVAGADIK The Saturday preceding the Feast of the Exaltation of the Holy Cross is the eve of the feast, this year September 15. That day, as well as the Tuesday, Wednesday and Thursday following the Feast of the Exaltation of the Holy Cross are the feasts of the Holy Church. This feast commemorates the completion and the consecration of Church of holy Sepulcher by the initiative of IV century Empress 9
Helena. In our church Navagadik also means the first dedication or the anniversary of dedication for any newly built church. The Armenian church celebrates Navagadik on the eve of the big feast days as well. The main feasts, such as the five Tabernacle feasts of the Armenian church have Navagadik on the eve of each feast. In this case, Navagadik means that the fast before each feast prohibiting the use of any animal product becomes less strict. After the Divine Liturgy, the fasting Faithful are permitted to use dairy products and fish. For 5 tabernacle feasts the use of dairy product and fish is allowed on Saturday: after the morning Liturgy for the Feasts of Vartavar, Assumption of Holy Mother of God and Feast of Holy Cross after the Evening Jeragaluyts Mass for the feasts of Holy Nativity and the Holy Resurrection.
ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ Դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ, ժողովըրդային շքեղ հանդիսութիւններով եւ կայսերական թափօրով Խաչը կ'անցնի նաեւ մեր երկիր Հայաստանէն, ասիկա Հայ ժողովուրդին համար ծայրայեղ սրբութիւն կը նկատուի: Պատմիչները կը վկայեն թէ Խաչի թափօրը կանգ կ'առնէ պատմական Կարնոյ (Էրզրում) լեռներու ստորոտին եւ հոն Տէրոջը Խաչափայտին դրուած տեղէն աղբիւր կը բխի: Հոն կը կառուցուի Խաչկա եկեղեցին, զոր կը դառնայ յայտնի ուխտատեղի: Իսկ Կարնոյ դաշտի հարաւ-արևելեան կողմը բարձրացող լեռներու ամենաբարձր գագաթը կը կոչուի « Խաչափայտ»: DID YOU KNOW? Tradition has it, that on its way to the Holy City of Jerusalem, the Cross passed through Armenia and was placed in somewhere near the city of Karin (Erzrum). From the place, where the Holy Cross was left, spring water started to flow and later it became a place of pilgrimage. Near the place the Monastery of the Holy Cross was built and the tallest peak of the mountain range was called Khachapayd. 10
ԽԱՉԱԿՆՔԵԼ Խաչակնքուելու ատեն հաւատացեալները երեք մատները՝ բթամատը, ցուցամատն ու միջնամատը կը միացնեն իրարու, որ կը խորհրդանշէ Սուրբ Երրորդութիւնը: Միւս երկու մատները՝ ճկոյթըն ու մատնեմատը, միասին կը ծալուին, որը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկու բնութեան անբաժանելի միութիւնը: Խաչակնքուած ատեն կ'ըսենք՝ ՙՅանուն Հօր (աջ ձեռքի երեք մատները միասին դէպի ճակատ) եւ Որդւոյ (ձեռքը կ'իջեցուի վար) եւ Հոգւոյն (ձեռքը դէպի ձախ կողմը) Սրբոյ (ձեռքը դէպի աջ կողմը), Ամէն՚ (ձեռքը բացուած մատներով կը դրուի սրտին վրայ):Հայերէնի մէջ «խաչակնքուիլ» բառը կը նշանակէ ՝ խաչ և կնքուիլ, այսինքն խաչին կնիքը դնել մեր վրայ եւ կնքուիլ Աւետարանի ճշմարտութեամբ:
MAKING THE SIGN OF THE CROSS In Armenian Apostolic church faithful make the sign of the Cross by joining the thumb, index finger and middle finger of the right hand as the symbol of Holy Trinity- Father, Son and Holy Spirit,and fold ring finger and pinkie together against the palm as a symbol of oneness of two natures of Jesus Christ. They place the right hand, as described above, first on the forehead saying, "In the name of the Father", then a little below the chest saying, "and the Son", then on the left side of the chest saying, "and the Holy", then on the right side of the chest saying, "Spirit", and end with placing the opened palm in the center of the chest saying, "Amen"
11
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 15-ԻՆ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻ ԱՌԻԹՈՎ ՏՕՆԵԼԻ ԱՆՈՒՆՆԵՐ
ԽԱՉԻԿ, ԽԱՉԱՏՈՒՐ, ԽԱՉԵՐԵՍ, ԽԱՉԵՐ, ԽԱՉՕ, ԽԵՉՕ, ԽԱՉԱՆՈՅՇ, ՌԵՀԱՆ ՅԱՒԱՐՏ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՍԻՐՈՎ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԵՆՔ ՆԵՐՔՈՅԻՇԵԱԼ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ԿՐՈՂ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐԸ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ: ՁԵՐ ԱՆՈՒՆՈՎ ԱՊՐԻ՛Ք
ON SEPTEMBER 15th IS THE FEAST OF EXALTATION OF THE HOLY CROSS ON THIS OCCASION THE FOLLOWING NAMES ARE CELEBRATED:
KHACHIG, KHACHADOUR, KHACHERES, KHACHER, KHACHO, KHECHO, KHACHANOUSH, REHAN FOLLOWING THE DIVINE LITURGY INDIVIDUALS WHO CARRY THE NAMES LISTED BELOW ARE INVITED TO RECEIVE GOD’S BLESSING.
ՏԵԱՌՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Ծէսի ընթացքին քահանան որոշակի պահերու խաչի նշանով կ'օրհնէ համապատասխան իրերը եւ ժողովուրդը: Քահանայի խաչակնքելը կը կոչուի Տեառնագրութիւն: THE PRIEST'S BLESSING During the service the Priest will blesses faithful and objects with the Sign of the Cross: The Priest's hand is held to form his fingers into the Christogram “ICXC” a traditional abbreviation of the Greek words for “Jesus Christ”. The IC XC are the first and last letter in the name “Jesus”, or IHCOYC in Greek, and the first and last letter in the name
12
Զարգացնենք մեր ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ գիտելիքները
Boost our CHRISTIAN knowledge ՀԱՅԱՍՏԱՆՅԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԻ -ա-
Ի՞նչ կը նշանակէ Հայաստանեայց Եկեղեցի։ - Հայաստանեայց Եկեղեցի կը նշանակէ հայաստանցիներուն Եկեղեցին, այսինքն՝ հայ ազգի կամ հայ ժողովուրդի Եկեղեցին։ Ահա թէ ինչու կը կոչուի նաեւ Հայոց Եկեղեցի, Հայ Եկեղեցի կամ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի, քանի որ հիմնադրուած է առաքեալներու կողմէ։
Ի՞նչ կը նշանակէ մայր Եկեղեցի։ - Հայաստանեայց Եկեղեցին իր ժողովուրդի հոգեւոր մայրն է, եւ ժողովուրդն ալ անոր հոգեւոր զաւակը։ որովհետեւ Մկրտութեամբ ժողովուրդը հոգեւորապէս անոր ծոցէն կը ծնի, անորմէ իր հոգեւոր սնունդը կը ստանայ եւ անոր հովանիին տակ կը պաշտպանուի իր հաւատքի եւ բարոյականի թշնամիներէն։ Այս պատճառով ալ մայր Եկեղեցի կը կոչուի։
Հայ ժողովուրդը որչա՞փ կը սիրէ իր մայր Եկեղեցին։ - Սկզբէն ի վեր հայ ժողովուրդը իր մայր Եկեղեցին ջերմօրէն սիրած է ՝ անոր համար զոհելով իր ամենաթանկ բաները եւ եթէ հարկ եղած է նոյնիսկ իր կեանքը։ Վարդանանց պատմիչը՝ Եղիշէն կը պատմէ որ ամբողջ ̛ ժողո̛ վուրդը՝ այր թէ կին կաղաղակէին եւ պարսիկներուն կըսէին.Պատրա՜ստ ենք հալածուելու, մեռնելու, ամէն տեսակ նեղութիւններու եւ չարչարանքներու սուրբ Եկեղեցիներուն համար, որ մեզի աւանդեցին մեր նախահայրերը: Որովհետեւ մեզի համար սուրբ Աւետարանը հայր կը ճանաչնանք եւ Առաքելական Կաթողիկէ Եկեղեցին մայր, թող որեւէ չար անջրպետ մեր մէջեւ մտնելով մեզ անորմէ չբաժանէ: Եւ արդէն իսկ Վարդանանց պատերազմը մղուեցաւ՝ պահպանելու համար սուրբ Աւետարանը եւ մայրենի Եկեղեցին։ (շարունակելի) 13
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ARMENIAN CHURCH HISTORY (շարունակութիւն ՇՈՂ թիւ 4-էն) Այս դրուագներէն ետք հարկ է անդրադառնալ, Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս Առաքեալներու քարոզչութենէն, մինչեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Տրդատ Թագաւորի օրով Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը երկարող ժամանակաշրջանին, այսինքն Ա, Բ եւ Գ դարերուն, Քրիստոնէութեան իրավիճակին Հայաստանի մէջ: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ա-Գ դարերու պատմութիւնը թաղուած է խաւարի մէջ, այնուամենայնիւ նախագրիգորեան շրջանի մասին տեղեկութիւններ կարելի է քաղել, նաեւ Փաւստոս ՙ Բիւզանդի Հայոց Պատմութենէն՚, ուր ան կը խօսի Ա դարու վերջին եւ Բ դարու սկիզբը, Հայաստանի մէջ Ոսկեանց եւ Սուքիասեանց նահատակութիւններուն մասին: Ոսկեանները հռոմայեցի հինգ դեսպաններ էին, որոնք պաշտօնով Հայաստան եկած էին առաջին դարու կէսին: Անոնց պետն էր Ոսկին, որուն անունով բոլորը կոչուեցան Ոսկեաններ: Հայաստանի մէջ Ոսկեանները կը հանդիպին Թադէոս Առաքեալին եւ անոր քարոզչութեան շնորհիւ քրիստոնեաներ կը դառնան: Մինչեւ իսկ Ոսկի քահանայ կը ձեռնադրուի եւ իր ընկերներով կը նուիրուի Սուրբ Աւետարանի տարածման: Ոսկեաններու քարոզչութեան շնորհիւ, բաւական թիւով ՍԱԹԵՆԻԿ ԹԱԳՈՒՀԻ հեթանոսներ, թէ ժողովուրդէն եւ թէ պալատականներէն, կ’ըն14
դունին Քրիստոնէութիւնը: Թագաւորական պալատէն, Սաթենիկ Թագուհիի Ալան ցեղէն ազգականները՝ Սուքիասեանները կը հետեւին քրիստոնէական կրօնքին: Թագուհին երբ կը տեսնէ որ Ոսկեանները քրիստոնեայ դարձուցին իր ազգականները, կը զայրանայ եւ սրամահ սպաննել կու տայ զանոնք 107 թուին, Արտաշէս Բ. Թագաւորի օրով: Սուքիասեանները թիւով 19 հոգի էին, անոնց պետը նախապէս կ’անուանուէր Բահադրաս՚ ՙ , որ Ոսկեաններու քարոզչութեամբ երբ քրիստոնեայ կը դառնայ Սուքիաս կը կոչուի, ընկերներն ալ իր անունով Սուքիասեաններ կ’անուանուին: Սուքիասեանները Քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք, հալածանքէ փախչելով կ’ապաստանին Ջրաբաշխ լերան վրայ: Երկար ժամանակ անոնք ճգնաւորական կեանք կ’ապրին եւ մերթ ընդ մերթ ժողովուրդին մօտ իջնելով, կը քարոզեն Քրիստոսի Աւետարանը: Քարասունչորս տարիներ ետք, Ալաններու թագաւորը Հայաստան կ’ուղարկէ իր Բառլահա՚ ՙ անունով իշխանը, որ Սուքիասեաններու թաքստոցը գտնելով կը սպաննէ զանոնք, սակայն անոնցմէ երկու հոգի ազատուելով, մեծ թիւով աշակերտներ կը պատրաստեն: Փաւստոս Բիւզանդ կը խօսի նաեւ Դանիէլ Ասորիի մասին, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կեսարիոյ մէջ Հայոց Հայրապետ ձեռնադրուելէ ետք, Հայաստան վերադառնալու ժամանակ, ճանապարհը փոխելով կ’այցելէ Տարոն գաւառի մէջ ապրող քրիստոնեայ համայնքը, որուն հովիւն էր Դանիէլ Ասորին: Այս իրողութիւնը, նոյնպէս, փաստ մըն է Տարոնի մէջ քրիստոնէական համայնքի գոյութեանը, որ ունէր կամ Առաքելական կամ ալ Եպիսկոպոսական Աթոռ: Առաջին երեք դարերու ընթացքին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման մասին կը խօսի նաեւ այն փաստը, որ Հայոց Վաղարշ (185-198 թթ.) եւ Խոսրով (198-215 թթ.) թագաւորներու, նաեւ Տրդատ Գ-ի (287-330թթ.) ժամանակ խստագոյն ձեւով կը հալածուէին քրիստոնեաները:
(շարունակելի)
15
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ DONATIONS In Memory of The Late Anahid Degirmendjian Ms Alice Weng $130, Mrs. Marie Dekirmendjian $100 In Memory of the late Arpik Der Boghosyans Vahe Gharakhanian $150 Altar Flowers –Women’s Guild: Mrs. Loretta Sarkissian $150 Louma: Mr. Robert Sarkissian $100, Mrs. Arpine Altounain $50, Mrs. Lucy Garabedian $40 General: Mr. Khoren Mardoyan $500, Mrs. Taline Tajerian $148, Mrs. Hilda Adamian $40 Baptism: Gokdag Family, Chilingirian Family Wedding: Boghos Family Shogh Sunday Bulletin: Mr. & Mrs. Madat & Tamar Mamourian and Family $200
Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝ Լիպարեան Ընտանիք Ի Յիշատակ ննջեցեալներ Յակոբ եւ Անահիտ Լիպարեաններու
Ս. Խորանի Ծաղիկներու պատրաստում՝ “ Flow Ծաղկանոց“ The Altar Flowers are sponsored by Libarian Family In memory of The Late Hagop & Anahid Libarian Altar Flowers provided by “Flow Flowers” 16
17
18
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ANNOUNCEMENTS
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՍՈՒՐԲ ԽՈՐԱՆԻ ՀՈԳԱՏԱՐ ՄԱՐՄԻՆԸ՝ Տիկին Շաքէ Վեզիրեան- Սոսոյեան Տիկին Լորանս Նալպանտեան- Սարգիսեան Տիկին Արաքսի Արթինեան- Շահինեան Սիրով կը յայտնէ, թէ մեր սուրբ եկեղեցւոյ պայծառացման նպաստելու նպատակով յանձն առած է Եկեղեցւոյ եւ անոր Սուրբ Խորանի հոգատարութիւնը՝ մաքրութիւն, զարդարում, եկեղեցական սպասներու եւ զգեստներու հոգատարութիւն, տաղավար եւ տօնական օրերու պատրաստութիւն եւ այլն: Սիրելի Հաւատացեալներ, կը հրաուիրենք ձեզ կամաւոր աշխատանքով կամ նիւթապէս նպաստել մեր սուրբ եկեղեցւոյ պայծառացման Ասուածահաճոյ գործունէութեան: Հաճեցէք կապ պահել Եկեղեցւոյ գրասենեակի կամ ՍՈՒՐԲ ԽՈՐԱՆԻ ՀՈԳԱՏԱՐ ՄԱՐՄՆԻ անդամուհիներուն հետ:
19
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑԻ
ԶՐՈՅՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՀԵՏ Ամէն Ուրբաթ Սեպտեմբեր 2019-էն սկսեալ Ժամերգութիւնեւ Բժշկութեան Աղօթք, ժամը՝ 7:30-ին Հանդիպում-Զրոյց Քահանայի հետ, ժամը՝ 8:00-ին Սեպտեմբեր ամսուայ նիւթը՝
«ԸՆՏԱՆԻՔԸ» Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2019 Նիւթ՝ Ինչ է Ընտանիքը Քրիստոնէական Հասկացողութեամբ Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019 Նիւթ՝ Սուրբ Պսակադրութիւն (Ամուսնութիւն) Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2019 Նիւթ՝ Այր եւ Կին Փոխ-յարաբերութիւնը Քրիստոնէական Հասկացողութեամբ
Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019 Նիւթ՝ Զաւակ եւ Ծնողք Փոխ-յարաբերութիւնը Քրիստոնէական Հասկացողութեամբ Զրոյցները պիտի վարեն՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալները ներկայ գտնուելու այս հոգեպարարար արարողութեան եւ մասնակցելու այս խիստ շահեկան զրոյցներուն, ուր պիտի ներկայացուին ու քննարկուին մեզ յուզող նիւթեր քրիստոնէական 20տեսանկիւնէ:
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ամէն Երեքշաբթի երեկոյեան Ժամը 8։00-ին Ներկայացմամբ՝ Տարիուս Սրկ. Կիւմիւշճեանի Ամէն Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 10։30-ին Ներկայացմամբ՝ Օրդ. Սրբուհի Էվրանի Bible Study Sessions in English Every Tuesdayat 8:00pm Led by Deacon Darious Gumushdjian Bible Study Sessions in Armenian Every Thursdayat 10:30 am Led by Miss Surpuhi Evran
HOLY TRINITY ARMENIAN CHURCH &BAREV CENTRE’S EVENTS SATURDAY SCHOOL RE-OPENING DAY Classes will start on September 14 at Forest Manor Public School: 25 Forest Manor, Toronto, ON, M2J 1M4
SUNDAY SCHOOL RE-OPENING DAY The classes will start on September 15 Throughout the academic year the classes take place every Sunday from 10:30am-12:45pm in 'Maral Ishkanian' Hall in the lower level of our church. At Holy Trinity Church - 920 Progress Ave., Toronto, ON M1G 3T5 21
22
ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր, 2019 Երեկոյեան ժամերգութիւն Ժամը՝ 19:00-ին Բժշկութեան աղօթք հիւանդներու համար Ժամը՝ 19:45-ին սիրով կը հրաւիրուին հիւանդները կամ անոնց հարազատները մասնակցելու աղօթքներուն եւ ստանալու Աստուծոյ օրհնութիւնը Ուսուցում Սուրբ Խաչի մասին, Ժամը՝ 20:00 Ուխտաւոր Հաւատացեալները կրնան գիշերել եկեղեցւոյ մէջ
EVE OF THE FEAST OF EXALTATION OF HOLY CROSS Saturday, September 14, 2019 Evening Vesper at 7:00 pm Healing Prayer for the sick 7:45 pm (You or your family members are welcome to join the Healing Prayer & receive God’s blessing) Teaching about Holy Cross from 8:00 pm The Faithful Pilgrims are welcome to stay at Church overnight **** Սիրելի հաւատացեալներ, Այսու կը տեղեկացնենք, որ Կիրակի 15 Սեպտեմբեր, 2019-ին Ս. Պատարագի ընթացքին Հոգեհանգստեան Պաշտօն չի կատարուիր, քանզի այդ օրը կը տօնենք Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 5 Տաղաւար տօներէն՝ Սուրբ Խաչի Տօնը Dear Parishioners, Please note, that there will be No Requiem Service on Sunday September 15, 2019, as we are celebrating one of the 5 Dominical Feasts of Armenian Apostolic Church, the Feast of Holy Cross. 23
24
ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑԻ ԱՌԻԹՈՎ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ Սեպտեմբեր 16, 2019 Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Հոգեհանգիստ` «Եորք» Գերեզմանատան, Բաժին 3, Մեծ Եղեռնի Յուշակոթող Խաչքարի առջեւ
160 Beecroft Rd. Toronto M2N 5Z5 Համայն ննջեցեալներու հոգիներու ի հանգիստ Յաւարտ հոգեհանգստեան արարողութեան, ննջեցեալներու հարազատներու խնդրանքով գերեզմաններու օրհնութիւն Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի կողմէ (Բաժին 3 – առաւօտեան ժամը 10:15-էն սկսեալ) եւ Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի կողմէ (Բաժին 30 – առաւօտեան ժամը 10:15-էն սկսեալ) Գերեզմաններու օրհնութեան համար կը խնդրուի նախապէս հեռաձայնել Եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ 416-431-3001 թիւին:
25
26
27
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian
Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան
Pastor’s Assistant Rev. Fr. HayariTanashian
Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com
920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 28