"Shogh" Sunday Bulletin Issue # 11 - October 27, 2019

Page 1

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ- SUNDAY BULLETIN ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 27 OCTOBER, 2019 – No.11

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԹԵՐԹԻԿ-SUNDAY BULLETIN

THIS ISSUE OF “SHOGH” IS SPONSORED BY

MR. HARUTIN MARANJIAN


ԵՕԹԵՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ԳԻՒՏ Ս. ԽԱՉԻ ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ 33.22-34.1 ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԷՆ 1.18-24 ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 24.27-36 ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Առաւօտեան ժամը 10։30-ին

Պատարագիչ եւ Քարոզիչ՝

Տ. ՀԱՅԱՐԻ ՔՀՆՅ. ԹԱՆԱՇԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԻ ՕԳՆԱԿԱՆ SEVENTH SUNDAY OF THE EXALTATION OF THE HOLY CROSS DISCOVERY OF THE HOLY CROSS

SYNAXIS READINGS ISAIAH 33.22-34.1 CORINTHIANS 1 / 1.18-24 LUKE 4.14-23 Divine Liturgy at 10:30 AM Celebrated by:

REV. FR. HAYARI TANASHIAN PASTOR’S ASSISTANT Choirmaster: Mr. Shahe Altounian Organist: Mrs. Sona Artinian 2


ՃԱՇՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒԱԾՆԵՐ SYNAXIS READINGS ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԷՆ 1.18-24 Արդարեւ խաչին քարոզութիւնը յիմարութիւն է անոնց համար՝ որ կը կորսուին, իսկ մեզի համար՝ որ փրկուած ենք՝ Աստուծոյ զօրութիւնն է: Որովհետեւ գրուած է. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ, ու խելացիներուն խելքը պիտի ջնջեմ»: Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհի վիճաբանողը. միթէ Աստուած չյիմարացո՞ւց այս աշխարհի իմաստութիւնը: Արդարեւ՝ քանի աշխարհը իր իմաստութեամբ չճանչցաւ Աստուած՝ անոր իմաստութեան մէջ, Աստուած բարեհաճեցաւ քարոզութեան յիմարութեամբ փրկել անո՛նք՝ որ կը հաւատան. որովհետեւ Հրեաները նշան կը պահանջեն, եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն, իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, գայթակղութիւն՝ Հրեաներուն, ու յիմարութիւն՝ Յոյներուն. բայց անոնց որ կանչուած են, թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ Յոյներուն, Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աս-տուծոյ իմաստութիւնը. ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 24.27-36 Քանի որ ինչպէս փայլակը կ՚ելլէ արեւելքէն ու կ՚երեւնայ մինչեւ արեւմուտք, ա՛յնպէս պիտի ըլլայ մարդու Որդիին գալուստը: Որովհետեւ ո՛ւր որ դիակ կայ, հո՛ն պիտի հաւաքուին արծիւները»: «Եւ այդ օրերու տառապանքէն անմի՛ջապէս ետք՝ արեւը պիտի խաւարի ու լուսինը պիտի չտայ իր փայլը. աստղերը 3


պիտի իյնան երկինքէն, երկինքի զօրութիւնները պիտի սարսին, եւ ա՛յն ատեն մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւնայ երկինքի մէջ: Այն ատեն երկրի բոլոր տոհմերը պիտի հեծեծեն, ու պիտի տեսնեն մարդու Որդին՝ որ կու գայ երկինքի ամպերուն վրայ, զօրութեամբ ու մեծ փառքով: Եւ ան պիտի ղրկէ իր հրեշտակները բարձրաձայն փողով, ու պիտի հաւաքեն իր ընտըրեալները չորս հովերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»: «Թզենիէ՛ն սորվեցէք առակ մը. երբ անոր ոստերը կակուղնան եւ տերեւները ցցուին՝ կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է: Նո՛յնպէս դուք՝ երբ տեսնէք այս բոլոր բաները, գիտցէ՛ք թէ մօտ է՝ դռներուն քով: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլոր բաները ըլլան”: Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնա՛ւ պիտի չանցնին»: «Իսկ այդ օրն ու ժամը՝ ո՛չ մէկ մարդ գիտէ, ո՛չ ալ երկինքի հրեշտակները, հապա՝ միա՛յն իմ Հայրս: CORINTHIANS 1 1.18-24 For the message of the cross is foolishness to those who are perishing, but to us who are being saved it is the power of God. For it is written: “I will destroy the wisdom of the wise; the intelligence of the intelligent I will frustrate.” Where is the wise person? Where is the teacher of the law? Where is the philosopher of this age? Has not God made foolish the wisdom of the world? For since in the wisdom of God the world through its wisdom did not know him, God was pleased through the foolishness of what was preached to save those who believe. Jews demand signs and Greeks look for wisdom, but we preach Christ crucified: a stumbling block to Jews and foolishness to 4


Gentiles, but to those whom God has called, both Jews and Greeks, Christ the power of God and the wisdom of God.

MATTHEW 24.27-36 For as lightning that comes from the east is visible even in the west, so will be the coming of the Son of Man. Wherever there is a carcass, there the vultures will gather. “Immediately after the distress of those days “ ‘the sun will be darkened, and the moon will not give its light; the stars will fall from the sky, and the heavenly bodies will be shaken.’ “Then will appear the sign of the Son of Man in heaven. And then all the peoples of the earth c will mourn when they see the Son of Man coming on the clouds of heaven, with power and great glory. And he will send his angels with a loud trumpet call, and they will gather his elect from the four winds, from one end of the heavens to the other. “Now learn this lesson from the fig tree: As soon as its twigs get tender and its leaves come out, you know that summer is near. Even so, when you see all these things, you know that it e is near, right at the door. Truly I tell you, this generation will certainly not pass away until all these things have happened. Heaven and earth will pass away, but my words will never pass away. “But about that day or hour no one knows, not even the angels in heaven, nor the Son, f but only the Father.

5


ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ THIS SUNDAY ՏՕՆ ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին Վերացման Սուրբ Խաչի Եօթերորդ Կիրակին, այս տարի Հոկտեմբեր 27-ին, կը տօնէ Գիւտ Խաչը։ Եկեղեցական տօնացոյցին մէջ Գիւտ Խաչի տօնը Սուրբ Խաչին նուիրուած 4 տօներէն վերջինն է, սակայն առաջին տօնն է, որ սահմանուած է եկեղեցւոյ կողմէ: Գողգոթա Յիսուս Քրիստոսի Խաչելութենէ եւ Անոր Յարութենէ ետք, Տիրոջ դատարկ գերեզմանն ու Խաչը քրիստոնեաներու համար յատուկ յարգանքի ու հոգատարութեան առարկայ դարձան: Տիրոջը համբարձումէն յետոյ, Փրկչին խաչը հրեաները կը պահեն՝ զայն թաղելով հողին տակ: 313 թ. Կոստանդիանոս Մեծ կայսեր (305-337 թթ.) Միլանի հրովարտակով, քրիստոնեաները կը ստանան իրենց կրօնը ազատօրէն դաւանելու հնարաւորութիւն: Կոստանդին կայսրին մայրը՝

Հեղինէ Թագուհին բարեպաշտ քրիստոնեայ էր: 327 թ ան կը ծրագրէ ուխտագնացութիւն դէպի Երուսաղէմ՝ Սուրբ Տեղերը այցելելու եւ նաեւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Խաչափայտը գտնելու։ Երբ Երուսաղէմ կը հասնի, իր հարցուփորձերուն հետեւանքով կը գտնէ Յուդա անունով հրեայ մը, որ հրեական գրաւոր աւանդութիւններէն գիտէր խաչերու թաղման տեղը: Ան դժկամօրէն ցոյց կուտայ Խաչափայտին տեղը: Հեղինէի հրահանգով աշխա6


տաւորներու մեծ բազմութիւն մը կը սկսին փորել եւ աղբերու տակէն կը հանեն երեք խաչերը: Որպէսզի գտնեն բուն խաչափայտը, կը կեցնեն նոր մեռեալ պատանիի մը մահուան թափօրը եւ անոր անշունչ մարմինը խաչերուն վրայ կը դնեն ։ Առաջինին եւ երկրորդին ոչինչ կ՚ըլլայ, իսկ երրորդին պատանին կը կենդանանայ։ Այսպէսով կը գտնեն Տիրոջ Խաչափայտը։ Տէրոջը խաչափայտի հրաշքը տեսնելով՝ հրեայ Յուդան ալ կ'ընդունի քրիստոնէութիւնը եւ կը դառնայ Երուսաղէմի Կիւրեղ եպիսկոպոսը: Այս առիթով Քրիստոսի իսկական խաչափայտէն փոքրիկ կտորներ` մասունքներ կը տրուին զանազան եկեղեցիներու, իսկ բուն խաչը կը պահուի Երուսաղէմի մէջ: Հետագային, երբ կը կառուցուի Ս. Յարութեան տաճարը, խաչը կը փոխադրուի հոն, ուր մեծ ակնածանքով կը պահուի` որպէս սրբութիւն սրբոց:

DISCOVERY OF THE HOLY CROSS This year, on Sunday October 27th, the Armenian Apostolic Church celebrates one of the four feasts dedicated to the Holy Cross the Feast of Discovery of the Holy Cross. Even though, this is the last feast in the Church Calendar dedicated to the Cross, but it was the first one to be established by our church fathers. The feast signifies the discovery of all three of the crosses of Golgotha—our Lord's and the other two, on which the criminals were crucified. Following the Ascension of our Lord, he crosses were buried. In 327 A.C., Empress Helena, the mother of Emperor Constantine, commissioned an army to find the true cross. After long searches, they found a man named Judas, who knew the place of the burial of three 7


crosses, based on Jewish scriptures. Judas was very reluctant to help. Later he showed the place of our Lord’s buried Cross, which was found with two others in Golgotha Jerusalem, buried in a rubble heap (on Golgotha). To find out on which of these three crosses our Lord Jesus Christ was crucified, the body of a deceased young man was taken from a passing funeral procession and placed before each cross. The man miraculously came to life on the cross of our Savior, which was accepted as the one and True Cross. After Judas witnessed this miracle, he accepted Christianity and became the Bishop Cyril of Jerusalem. After the discovery of the Holy Cross, Helena renovated the Holy Places of Jerusalem and built the Church of Holy Sepluchre, where the Lord’s cross was installed. According to tradition, the True Cross was overgrown with aromatic basil and that is why the cross in Armenian Church is shaped as a blossoming cross and is called the Tzaghkads Khatch (Ծաղկած Խաչ). The Armenian cross often features leaves, wheat and grapes flaring from its base; which is meant to emphasize its life-giving character. ԳԻՏԷԻ՞Ր ԹԷ... Երեք խաչերու հետ միասին Գողգոթայի վրայ գտնուեցաւ նաեւ Պիղատոսի հրամանով Յիսուսի գլխավերեւը ամ-րացուած եռալեզու տախտակը: Ահա թէ ինչ կ'ըսէ Աստ-ւածաշունչը այդ տախտակին մասին. «Տախտակի վրայ եբրայերէն, յունարէն ու լատիներէն լեզուներով գրուած էր «Յիսուս Նազովրեցի՝ Հրեաներուն թագաւորը»: Հրեա-ներուն քահանայապետները ըսին Պիղատոսի. «Մի՛ գրեր. “Հրեաներուն թագաւորը”, հապա գրէ՛ թէ ի՛նք ըսաւ. “Հրեաներուն թագաւորն եմ”»: Սակայն Պիղատոս պատասխանեց. «Ի՛նչ որ գրեցի՝ գրեցի՛»: (Յովհ. 16:19-22) DID YOU KNOW?... With three crosses on Golgotha (Cavalry) was also discovered the trilingual sign prepared by the order of Pontus Pilate, that was fastened on the Cross of our Lord. Here is the Bible reference: "It read: Jesus of Nazareth, the King of the Jews.* Many of the Jews read this sign, for the place where Jesus was crucified was near the city, and the sign was written in Aramaic, Latin and Greek. The chief priests of the Jews protested to Pilate, “Do not write ‘The King of the Jews,’ but that this man 8


claimed to be king of the Jews.” Pilate answered, “What I have written, I have written.” (John 16:19-22) *In many Christian icons the sign has JNRI written on it. It is the acronym of Latin "Iesus Nazarenus Rex Iudaeorum" (Jesus of Nazareth, the King of the Jews). Խաչի նշանը մենք կը պատկերացնենք մեր եկեղեցիներու, մեր պատերու եւ դռներու վրայ, եւ թէ՛ խաչակնքելու ատեն մեր երեսներուն վրայ ու յատուկ ուշադրութեամբ մտովի կը պատկերացնենք զայն, որովհետեւ այդ մեր փրկութեան նշանն է, ընդհանուր ազատութեան եւ մեր Տիրոջ խոնարհութեան նշանը։

(Յովհաննէս Ոսկեբերան) We depict the sign of the Cross in our churches, on our walls and doors. We make the sign of Cross while praying and picture it in our minds, because it is the symbol of our salvation, our freedom and our Lord's humility.

(John Chrysostom)

ՕԹԵԱՑ ԽԱՉ ՍՐԲԱՎԱՅՐ Խոր Վիրապէն դէպի արեւմուտք կը գտնուի «Օթեաց Խաչ» սրբավայրը: Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն` Հայոց աշխարհի առաջին լուսաւորիչներ` Ս. Թադէոս և Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները, Հայաստանի մէջ իրենց քարոզչութեան ընթացքին կը հանդիպին Արտաշատի բլուրին վրայ: Իրենց հանդիպման տեղը կը կանգնեցնեն խաչ մը եւ խաչի նշաններ կը դրոշմեն նաեւ ժայռերու վրայ: Անոնք կ'օթեւանեն այդ Խաչի նշանին հովանիին տակ: Ի նշան պատմական այս հանդիպումին՝ այդ խաչը կոչուեցաւ Օթեաց Խաչ: Այնուհետեւ բաժնուելով ՝Թադէոսը կ'անցնի Վասպուրականի 9


Արտազ գաւառը , իսկ Բարթողիմէոսը՝ Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներ, ապա Անձեւացեայց գաւառ եւ Աղբակ: 2015 թ. Խաչի Գիւտի տօնին օրը, Խոր Վիրապ վանքին մօտ (ճիշդ այն տեղը, ուր առաջին անգամ Տիրոջ սուրբ առաքեալներ՝ Թադէոսն ու Բարթողիմէոսը հանդիպեցան) ձեռամբ Մայր Աթոռի Վանորէից Տեսուչ Արտակ Եպիսկոպոս Տիգրանեանի օծուեցաւ եօթ մեթր բարձրութիւն ունեցող խաչարձան մը, որը տեղի անունին համաձայն կոչուեցաւ «Օթեաց Խաչ»։

'OTYATS KHACH' The 'Otyats Khach' is located west of the monastery of Khor Virap, Armenia. According to tradition of Armenian church, this is the place, where, during their ministry in Armenia, the first illuminators of our nation St. Thaddeus and St. Bartholomew met for one night. As a symbol of this event, they erected the sign of the cross on top of the hill (near Artashat ) and also engraved cross signs on the stones. They rested under the sign of cross. Hence the name 'Otyats Khach', meaning 'cross that sheltered'. The next morning, each went their own way: St Taddeus to Ardaz province of Vasbouragan and St. Bartholomew to the provinces Her and Zarevant, later to Aghbag. To commemorate this historical event, in 2015, on the Feast day of Discovery of Holy Cross, a stone cross sculpture 'Otyats Khach' was placed in the same place, where the Holy Apostles met. The Cross was consecrated by the Dean of Monasteries of Mother See Bishop Artak Tigranyan. 10


ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՂՕԹՔԸ PRAYER OF THE WEEK Կ’օրհնենք Քեզ, ո՜վ Տէր Աստուած մեր Փրկիչը, որ միշտ մեզի հետ ես եւ բնաւ չես լքեր անոնք՝ որոնք հաւատքով եւ ճշմարտութեամբ օգնութեան կը կանչեն Քեզ: Կ’աղաչենք եւ կը խնդրենք, Տէ՜ր, ճամբորդակի՛ց եղիր ծառաներուդ, Քու վերակացութեամբդ զանոնք խաղաղութեան մէջ պահելով. եւ Դո՛ւն առաջնորդէ մեզ, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միացածներս, որպէսզի խաղաղութեամբ եւ խնդութեամբ վերստին հասնինք մեր տուները: Անո՛ր կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենց: Ամէն:

Շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ, որ իր ողորմութեամբը մեզ առաջնորդեց ցերեկուան մեր գործերուն մէջ, եւ շնորհեց որ միասնաբար գանք հասնինք գիշերային այս հանգիստին: Մշտապէս աղաչենք, որ մարդասէրն Աստուած պահապան ըլլայ մեր անձերուն, եւ իր ողորմութեամբը մեզ պահէ եւ առաջնորդէ ու հասցնէ իր բարի հանգիստին, որ զինք սիրողներուն տալ խոստացաւ ճշմարիտ Աստուածը՝ Յիսուս Քրիստոս, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: 11


ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ REQUIEME SERVICE

Requesters Mrs. Araxie Tumanian Mr. & Mrs. Harout and Ani Tumanian Mr. & Mrs. Armen and Berdjouhi Nalbandian Mr. & Mrs. Nahil and Dikranouhi Abaci

In Memory of The Late Lora Tumanian On the occasion of 7th day of her passing in The Netherland

Requesters Mr. & Mrs. Vahan and Shake Der Boghossian & Children, Hagop & Caroline, Mr. & Mrs. Raffi and Silva Ohanessian, Mr. & Mrs. Shant & Mary Minassian and son, Areg In Memory of The Late Vartan Der Boghossian On the occasion of 40th day of his passing

Requesters Kurdian and Altounian Families In Memory of The Late Sirvard Kurdian On the occasion of 1st anniversary of her passing and The departed souls of both the Kurdian and Altounian families

12


Requesters Mrs. Manoushag Alexanian, Mr. & Mrs. Hormos & Elma Khoodain & children Eric & Erica Mr. & Mrs. Art & Caroline Keshishian & children Christopher, Andre & Braidon Mr. & Mrs. Hovik & Cathrine Der Ashotian & children Ani & Anayis In Memory of The Late Tony Havin Khoodian On the occasion of 1st anniversary of his passing

Requesters Mrs. Diana Bogosyan Mr. & Mrs. Serge & Nadya Bogosyan and children, Adrian & Mateo In Memory of The Late Dr. Avedis Bogosyan On the occasion of 4th anniversary of hi passing

Requesters Mrs. Mireille Diradour Mr. Richard Diradour and family, Mr. Alex Diradour and family In Memory of The Late Gregory Diradour On the occasion of 7th anniversary of his passing

Requesters Dilaveroglu & Bedrossian Families In Memory of The Late Vrej Mamasian, The Late Harutiun Dilaveroglu The late Zepur Bedros Bedrossian

13


ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրելու համար (եօթնօրէք, քառասունք կամ տարելից) հաճեցէք հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակ, Երկուշաբթիէն Հինգշաբթի, առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ երեկոյեան 4։00, հետեւեալ թիւին 416. 431. 3001 Email: info@TorontoArmenianChurch.com

ALTAR FLOWERS Parishioners, who would like to donate Altar flowers in memory of their loved ones or for a special occasion, please contact the church office at 416-431-3001 or mark your name & contact info on the calendar stand located at Church lobby. Բարեպաշտ հաւատացեալներ, որոնք կը փափաքին ստանձնել Ս. Խորանի կիրակնօրեայ ծաղիկի նուիրատուութիւնը, ի յիշատակ իրենց ննջեցեալ հարազատներուն կամ այլ ուրախ առիթներու համար, կը խնդրենք կապ պահել, հեռաձայնելով եկեղեցւոյ գրասենեակ.- 416-431-3001

14


ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ARMENIAN CHURCH HISTORY ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈԻՍԱՒՈՐԻՉԻ ԿՈՂՄԷ (շարունակութիւն ՇՈՂ թիւ 10-էն) 301 թուականին Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակումէն ետք, Տրդատ Թագաւորն ու Գրիգոր Լուսաւորիչը կը սկսին Քրիստոնէութիւնը տէրութեան ամէն կողմերը տարածել, եւ քաղաքէ քաղաք երթալով կը ջնջեն կռապաշտութեան հետքերը: Նոր կրօնը տարածելու եւ ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան կազմակերպման համար Ս. Գրիգոր կարիք ունէր գործակից հոգեւորականներու: Ան Կեսարիոյ մէջ ձեռնադրուելէ ետք, վերադարձին կարճ ժամանակով կանք կ’առնէ Փոքր Հայքի Սեբաստիա քաղաքին մէջ, ուրկից բազմաթիւ հոգեւորականներ իր հետ Հայաստան կը բերէ: Հայաստանի մէջ Քիստոնէութեան տարածման մեծ նպաստ բերած են նաեւ յոյն եւ ասորի քարոզիչներ: Որպէս օրինակ անուանապէս կը յիշուին Սեբաստիայէն Իրենարքոսը, Կապադովկիայէն Սոփրոնիոսը, Սատաղէն Թովմասը, Կեսարիայէն Անտոնը եւ Կրոնիդես միայնակեացները, իսկ ասորի քարոզիչներէն՝ Դանիէլ Ասորին՝ Աշտիշատի երկրորդ եպիսկոպոսը եւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետը եւ այլն: Անշուշտ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ չէր կրնար բաւարարուիլ միայն օտար քարոզիչներու գործունէութեամբ: Լայնածաւալ Հայաստանի կրօնական կարիքները հոգալու համար անհրաժեշտ էին մեծ թիւով, յատկապէս տեղացի հոգեւորականներ: Այս նպատակի համար Ս. Գրիգոր, Տրդատ Թագաւորի օժանդակութեամբ յունական եւ ասորական դպրոցներ կը բանայ, ուր մասնաւորապէս կը կրթուին քուրմերու զաւակները: Ըստ Ագաթանգէղոսի, քուրմերու զաւակները կրթուելով քրիստոնէական ոգիով, ապագային հիմնական դեր ունեցած են Հայ Եկեղեցւոյ կազմակերպման գործընթացին մէջ: Պատմիչը կը յիշէ անոնցմէ 12-ին անունները, որոնք Հայաստանի տարբեր նահանգներու առաջին Եպիսկոպոսները եղած են: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը սահմանէ նաեւ Եկեղեցոյ կանոններն ու կրօնական արարողություններու կատարման կարգը: 15


Դ դարու սկիզբը Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէր քրիստոնէութեան երկու հոսանք՝ յունական եւ ասորական: Ծէսը կը կատարուէր յունարէն կամ ասորերէն լեզուներով, այս պատճառով ալ բազմաթիւ յունարէն եւ ասորերէն բառեր ընդգրկուած են հայոց լեզուի եկեղեցական բառացանկին մէջ, ինչպէս օրինակ յունարէնէ՝ բեմ, փիլոն, եպիսկոպոս, հերետիկոս, կաթողիկոս եւ այլն, ասորերէնէն՝ քահանայ, աբեղայ, ծոմ, քարոզ եւ այլն: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը կը կազմակերպէ Հայաստանի պետական վարչակազմի համաձայն, ան գլխաւոր նախարարական տուներու կողքին մէկական եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ, որոնք կ’ենթարկուէին Հայաստանի Ծայրագոյն Եպիսկոպոսին` Եպիսկոպոսապետին, որ շուտով կը ստանայ Հայոց Հայրապետ անունը: Այսպիսով Հայաստանի եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը կը կազմաւորուի ինքնուրոյն ձեւով, յենուելով տեղական պայմաններուն եւ անկախ այն ընթացքէն, որ ունեցաւ եկեղեցին Հռոմէական կայսրութեան մէջ, ուր 325 թ. Նիկիոյ Ա Տիեզերական ժողովին հաստատուեցաւ մետրոպոլիտական կարգաձեւը, իսկ 381 թ. Կ. Պոլիսի Բ Տիեզերական ժողովին պատրիարքականը:

(շարունակելի) 16


(շարունակութիւն ՇՈՂ թիւ 10-էն)

ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ Ի՞նչ է Մկրտութիւնը։ - Մկրտութիւնը, որպէս բառ, կը նշանակէ լուացում, մաքրութիւն։ Բայց կրօնական իմաստով կը նշանակէ այն արարողութիւնը, որ ջուրով կը կատարուի՝ սրբելու, մկրտուողի մեղքը մաքրելու համար, որ, ըստ աստուածաբաններու, կը կոչուի առաջին կամ սկզբնական մեղք։ Մկրտութիւնը կը կոչուի նաեւ վերստին ծնունդ, որովհետեւ մկրտուողը կը սրբուի եւ կը մաքրուի իր մեղքէն եւ Աւազանէն նորէն կը ծնի /Յովհ. Գ/: Այս նոր եւ հոգևոր ծնունդը մկրտուածին Քրիստոսի Եկեղեցւոյ անդամ կը դարձնէ ։

Ի՞նչ կը հասկանանք առաջին մեղք ըսելով։ - Սուրբ Գրքէն կը սորվինք, որ Ադամը իր դրախտային կեանքին մէջ աստուածային պտուէրը չպահեց. այս պատուիրանազանցութիւնը կամ անհնազանդութիւնը, ըստ աստուածաբաններու, առաջին «սկզբնական» մեղք կը կոչուի, որ Ադամէն սկսեալ եւ ժռանգաբար, սերունդէ սերունդ անցած է բոլոր մարդկութեան, ոչ թէ ժառանգաբար հօրմէ որդիին եւ այդպէս շարունակ, այլ պարզապէս ամբողջ մարդկութիւնը այդ մեղքի միջավայրի մէջ կ՚ապրի: Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը սահմանէ այդ մեղքը. ՙԱդամի մեղքը այն է, որ կորսնցրուց արդարութիւնը եւ մեղքով ու ցանկութեամբ որդի ունեցաւ. այս է սկզբնական մեղք ըսուածը, որ չի քաւուիր, եթէ չի մկրտուի Քրիստոսի մահով՚։

Մկրտութիւնը անհրժեշտ պայմա՞ն է՝ քրիստոնեայ ըլլալու համար։ - Այո՜։ Մկրտութեան կարեւորութիւնը հասկնալու համար պէտք է գիտնալ, որ նոյն Ինքը՝ մեր Տէրը, նոյնպէս մկրտուեցաւ Յորդանան գետին մէջ Յովհաննէս Մկրիտչի կողմէ ։ Յետոյ, երբ Իր առաքեալները քարոզչութեան ուղարկեց, պատուիրեց անոնց ըսելով՝ «Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով»: [Մատթ. ԻԸ 19]։ (շարունակելի) 17


ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ DONATIONS In Memory of The Late: The Late Takuhi Maranjian Haritun Maranjian: $1500, Garabed Arslanyan $150, Sogomon & Areknaz Sakarya $100, Krikor Torikian $50 The Late Takuhi Torikian Masis & Aida Afarian: $100 The Late Artur Mikayelyan Gohar Mikayelyan: $50 The Late Nazareth Hovassapian Gueran Hovassapian $50 The Late Terez Baghdassarian Tina Baghdassarians $100, Rima Baghdassarians $100 The Late Muguerdich & Hripsime Kassabian Hacatour Kasapyan $50 The Late Vilma Kalajian Ricky Moldavor $50, Benjamin & Marie Pamboukian $100 The Late Nvart Mazmanian Aram Mazmanian $20 Altar Flowers (Oct 20) Arto & Ani Erol-Torossian $70 Altar Flowers (Oct 27) Haritun Maranjian $75 Women’s Guild: Harutin Maranjian & Rafik Alexanian Louma: Garbis Bedrosyan $60 and Hacatour Kasapyan $70 “Shogh” Sunday Bulletin & Altar Flowers: Mr. Harutin Maranjian $275 Wedding: Gokdag Family Baptism: Kassabian, Shalvardjian & Evren Families

18


Thank you for supporting your Church through your heartfelt donations. If you prefer to stay anonymous please contact the church office at 416-431-3001 Շնորհակալութիւն ձեր կատարած սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար։ Եթէ կը նախընտրէք ձեր անունը չյիշել կատարած նուիրատուութեան համար, կը խնդրենք կապուիլ եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ 416-431-3001 թիւին։

Ս. Սեղանի ծաղիկներու նուիրատու՝ ՏԻԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐԱՆՃԵԱՆ Ի Յիշատակ ննջեցեալ տիկնոջ ԹԱԳՈՒՀԻ ՄԱՐԱՆՃԵԱՆԻ Ս. Խորանի Ծաղիկներու պատրաստում`

Flowers of the World

*** The Altar Flowers are sponsored by MR. HARUTIN MARANJIAN In loving memory of his beloved wife The late TAKUHI MARANJIAN Altar Flowers provided by Flowers of the World

19


20


21


22


23


24


25


ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հովիւի Օգնականն ու Ծխական Խորհուրդը կը շնորհաւորեն Պոյաճեան, Լի, Տէսչաթելէթս, Գասապեան եւ Մարքըս, Ղայս, ընտանիքները իրենց զաւակներու Ս. Մկրտութեան առթիւ:

19 Հոկտեմբեր Ալէք Պոյաճեան, Ալին Տէսչաթելէթս եւ Ճաննի Լի 20 Հոկտեմբեր Ճաք Նիքըլըս Գասապեան եւ Ամելիա Մարի Մորքոս

CONGRATULATION The Pastor, Pastor’s Assistant and the Parish Council of the Holy Trinity Armenian Church congratulate and extend their best wishes to Boyadjian, Li, Deschatelets, Kassabian & Morcos families On the occasion of their children’s Baptism

October19: Alec Boyadjian, Janny Li & Aline Deschatelets October 20:

Jack Nicholas Kassabian & Amelia Marie Morcos 26


27


Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան

Vicar of Armenian Church Canadian Diocese and Parish Priest Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian

Հոգեւոր Հովիւի Օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան

Pastor’s Assistant Rev. Fr. Hayari Tanashian

Church Office Hours: Monday to Friday - 9:00 AM to 4:00 PM Executive Secretary, Ani Sarvarian Ani@TorontoArmenianChurch.com Administrative Secretary, Betty Panossian Betty@TorontoArmenianChurch.com

920 Progress Ave. Toronto, ON, M1G 3T5 Tel: 416 431 3001 www.TorontoArmenianChurch.com info@TorontoArmenianChurch.com 28


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.