Պետիկ Հերյան. «Բառը» բանաստեղծությունների ժողովածու

Page 1

ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆ

ԲԱՌԸ

Պէյրութ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան 1983


Այս գրքոյկին հրատարակութեան ծախսը հոգացած են գրասէր երկու եղբայրներ՝ Հրայր եւ Վրէժ։ Շնորհակալութիւն։ Պ. Հ. =


ԲԱՌԸ ... Վաղուց արդէն բնակուած հմայական ցաւերով, Կը շրջէի ես անդուլ դիւահարի մը հանգոյն, Կը փնտռէի փրկարար բառըս բարի, Uակայն չէի յաջողեր ճշդել անունը անոր։ * ** Բառը ցօղ էր նախապէս՝ իջած դողին մատներուս, Դէմքիս թեքուած ծաղիկներու ժպիտ էր ան վայրենի, Թոթովանքիս շնորհուած գուրգուրանք էր պարզապէս: Բառը ցո՜լք էր աղջկայ, Բաժակ էր ան հրաշահիւս կակաչի, Ապա խաչքար ճաքճքած, Մագաղաթի ծուէն էր՝ արիւնիս մէջ թաթախուած, Երակներս՝ լափլիզող կրակ էր ան պատուհաս, Եւ ջիղերուս ցանցը ցնցող հրապոյր էր էգերու, Որդան կարմիր էր եռուն, Արեւայորդ հաւատամք էր հեթանոս, Հնադարեան մեղեդի, Հողի բոյր էր զգլխիչ, Յովատակի, վրինջ էր ու վարգ էր ան եղնիկի, Նեմրութ սարի գագաթէն դէպի երկինք սլացող Աստուածային թռիչք էր ան ֆետաներու միածին, Ինձմէ ձգուած — զիս կանչող՝ բառը տանջանք էր գուցէ, Կոմիտասեան խնկարկում էր խելագար, Եւ առ Աստուած ճենճերում էր Նարեկի, Շարականի խազերուն մէջ հոլովուող Հոգեվառ բառն այդ մախմուր, Հոգեհան բա՛ռն իմ անգոյ, Որուն կարօտ՝ թափառեցայ ամէնուր, Եւ անձնատուր եսի մթին ծալքերուն՝ Ես դիմեցի աստղերուն եւ փողոցի լամբերուն...


Բայց ի վերջոյ, Անցնող ամէն վայրկեանի դէմ, Մեռնող մէն մի բջիջիս հետ, Հասունացման դառնակսկիծ րոպէին, Ես զգացի ու հասկցայ վերջապէս, Համոզուեցայ արդարեւ, Թէ չգրուած իմ բառն էր ու ան ահարկու, Որ թունաւոր նետի պէս Կ’երթեւեկէր մարմնիս մէջ...


ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ


ԵՒ ԵՍ ԵԿԱՅ Երբ ես եկայ՝ Ոտքը կոտրած աթոռներու, Սեղաններու՝ պատառոտած ծածկոցներու դէզերու տակ, ջարդուփշուր բաժակներու դէմ գտայ ձեզ՝ իմ պատկերի՜ նմանակներ։ Ձեր շիկացած գլուխները կպչուն էին՝ Անուրջներու եւ խոհերու փշրանքներով Եւ ծուլացած ձեր թեւերը մժեղներէն կը խայթուէին: Եւ ես եկայ՝ իբրեւ դատարկ երջանկութիւն, Կեցայ մուտքին ձեր սենեակին Ու քայլ առի ժպտուն-ժպտուն. Դուք արթնցեր` ձեր հիասքանչ հայեացքներով կլը նայէիք, Իսկ ես անփորձ էի, անուժ, Ես շատ էի կաշկանդուած ծնողական չափազանցեալ գուրգուրանքով, Ես շատ էի պառակտուած՝ Բարի, խածան, վտանգաւոր խրատներով։ Բայց երբ կրցանք, յաջողեցանք իրար աչքին ուղիղ նայիլ, Անխօս կերպով ոտքի ելաք, Դժկամութեամբ դուք ծածկեցիք մերկ մասերը ձեր մարմինին Եւ քալեցինք միասին: Մայր ճամբուն մէջ ամուր-ամուր համբուրուեցանք Եւ առինքնող պայքարի մը երդումով՝ Բաժնուեցանք իրարմէ:


Ի՛նչ ալ ըլլար՝ արտասուքով պատած դէմքս պիտի փայլէր, Եւ ես ահա առանձնութեան ահեղ ուժով զինուեցայ Եւ քալեցի ձեր կողքին՝ Իբրեւ անդարձ որոշում, Իբրեւ անսանձ բարեշրջման հոլովոյթ։ Հիմա նորէն, ո՛ւր ալ ըլլամ, Խոնարհութեան բարձունքներէն կը միացնեմ ձայնս ձեզի՝ Եւ բազուկս ձեր հարուածին, Միանուագ օրերուն լարը փշրող Եւ անձկութեան ժամերուն ընդդէմ քալող, Ահագնացող Խենթեր, կանչեր պողպատեայ: — Փլուզումի ոչ մէկ նշան եւ ոչ մէկ երգ անբարեխիղճ Կը սողոսկի իմ արեան մէջ, Ու ես այսպէս, Մանր-մունր դաւերու դէմ ծիծաղելէն՝ Հաստատաքայլ կ’անցնիմ բոլոր արգելքներէն, Որպէսզի հասնիմ, փարիմ անօթին այն բիւրեղային Ու լայն բաշխեմ կտոր-կտոր, Զերթ կեցուցիչ հաղորդութիւն, Ու բարձրացնեմ գետին ինկած հոգերը խեղճ, Որ չքանան մանր-մունր դաւերն ամէն Ու վախ չըլլայ, վտանգներէն չգայ երկիւղ Եւ ես ու դուք ըլլանք, մնանք Նոյն պատկերին նմանակներ... Չէ՞ որ մոռցանք մենք զմեզ Եւ յիշեցինք մենք զիրար Այն օրէն, երբ երազներն ու վտանգները Խառնուեցան իրարու... Պայծառ օրն այս Աշխուժօրէն շիրմաքարին վրայ երգող


Դեղձանիկներ կը ծնի, Իսկ մենք կ’երթանք բարձր ու թեթեւ Ու մեր հոգին մարմիններէն կ’անջատուի Եւ անջատման այս հեշտագին Գործողութիւնը անարատ Կը վարակէ ամէն միջոց, Միջոցին հետ մենք կը դառնանք ամբողջութիւն, Հեռու-հեռու անծանօթը կը պայթեցնենք, Որ բողբոջներ ծլին այնտեղ, Երբ պաշարենք, գերեվարենք անորոշին խաղերն ամէն: Քանի դեռ կանք, Քանի որ դեռ զիտե՛նք, որ կանք, Մեզի ընծայ տրուած կեանքն այս թող որ դառնայ մեր հաջոցին, մռնչիւնին Ու մեր բառին ենթակայ: Եւ դուք` կեցցէ՛ք։ Ու քաջութիւն, քաջութիւն ձեզ, իմ պատկերի նմանակներ: (Գալէս առաջ ըսեր էի, թէ կու գամ ես)։


ԳՐԵԹԷ... Սենեակս ահա այս է գրեթէ, Եւ հիմա ես ալ գրեթէ նոյնն եմ: Յանձնած եմ սիրտս Պատուհանէն դուրս յորդող ծուխերուն, Պատուհանէն ներս խուժող ձայներուն Եւ կը զգամ նորէն, Որ կապոյտ-կապոյտ երկինքին ներքեւ Թաղում մը կու լայ... Սենեակս ահա նոյնն է գրեթէ, Իսկ ես գրեթէ... Թոքերս հիմա շատ, շա՜տ կ’ընդլայնին, Եւ իմ հոգիիս մեծ տագնապներէն՝ Մարմինս կարծես շատ կ’ընդարձակուի Եւ բառեր յանկարծ Կու գան մատներուս ու լեզուիս ծայրին, Զիրար կը քաշեն, Կը հրմշտկեն, Իրարմէ առաջ կ’ուզեն դուրս ելլել, Ինչ-որ բանի թեր, Ինչ-որ բանի դէմ կ’ուզեն ցոյց ընել... Գրեթէ նոյնն է սենեակս ահա, Բայց ես նոյնը չեմ գրեթէ հիմա:


ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ Վտանգաւոր բիծ ինչպէս, Անորոշին կ’արձակուին Խաչաձեւուող շփոթներ, Ու կաղկանձող աշուններ Կը կը թօթափեն ձայնն իրենց։ Վհատ ու խեղճ բարդոյթներ՝ Պատռած քողով ծածկուած՝ Իրարու մէջ կը նետեն Անահիւրընկալ համն իրենց Եւ իբրեւ թէ շահեկան Բառեր՝ ցայտուն ուռի պէս՝ Կը փշրուին, զարնուելով գանկերու, Անմեղութեան ախտերով կը տառապին Շատ երգեր՝ միջակութեան բարձունքին Եւ կիրքերու զուր վատնումներ կը հոսին Դարուն լլկուած ստինքներն ի վար, Մինչ ամէն ժամ ու քիչ-քիչ Կը մահանայ ամէն մարդ, Իրար վիզին սեղմելով Բարոյութեան նիւթերով ձուլուած սիրուն օղակներ: Ես կը փորձեմ այս ամէնուն ընդերքէն Մեզ յայտնաբերել Եւ արարել (Ակամայ ծնած Ու պարզապէս ողջ, Ակամայ մեռնող Եւ պարզապէս ապրիլ տենչացող) Պիրկ ու շտապող բազում շարժումներ:


ԽԱՒԱՐՏՉԻՆ ԾԻԾԱՂ

Ձեր հրդեհուած մարմիններէն փախչելով, Կեանքի կոպիտ մակերեսին երբ բախիք, Չկարենաք հայհոյել, Վար մնալով միատեղ, վերէն նայիք հարցերուն, Մենութեան մէջ երբ սկսիք քայքայուիլ, Խաւարին հետ միաձուլուած ըղձանքներուս թեւերով, Դուք, տուներէն արտաքսուած իմ եղբայրներ, Գիշերային անդորրին մէջ Դժգոհութեան սերմեր ծծող ու պայթեցնող Եւ գալիքին համար վառուող՝ Ծիծաղիս շուրջ խմբուեցէք...


ԽՈՐՔԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

Մեղրը բոլոր սուտերուն Ես կը քամեմ սրտիս մէջ: Ծափ զարնելով կը բռնեմ Տերեւներուն շշուկը: Եւ տուն դարձը կ’արգիլեմ Կապտափետուր թռչունին։ Բայց... ծիծաղս լոգանքն իր Արցունքներու մէջ կ’առնէ: Օ՜, ներեցէք, դուք ներեցէք Իմ մօրէ մերկ ծիծաղիս:


ՏԵՆԴԱՀԱՐ ՎԻՃԱԿ Ինչպէս քերթողը` թուղթին, Կամ հnղագործը` արտին, Եւ բոյսերու արմատները` արեւին, Այնպէս յօժար, ինքնակամ Յանձնուեր եմ իմ տենդին: Թէ ո՞վ վառեց Անբնական տենդն այս սրտիս, Ո՞ւր կը տանի անիկա զիս ի վերջոյ, Ի՞նչ կը բերէ ապագային, Չեմ գիտեր: Գիտեմ միայն, որ հեշտօրէն Յանձնուեր եմ այս ինքնակոչ, Մարմնիս բոլոր մասերուն թոյնի նման եռացող, Մորթիս վրայ բողբոջներու պէս պայթող, «Պարապին մէջ անփութօրէն տարածուող, Արկածներով անպակաս, Վէրքերով լի այս տենդին, Որ իր փարթամ մանկութեամբ Զիս պատէ պատ, Զիս թաղէ թաղ քաշկռտող Խենթ մըն է, Դէմքն այս անզուսպ, ինքնիշխան, Տենդն իմ աղուոր, կատաղի... (Կախարդական աշխարհիս Հարստութիւնը միակ, Այս շփացածն ակնարկու, Ո՞ւր կը տանի զիս արդեօք...)


ԱՔԱՑԻՆ... Խոտերուն վրայ ցօղի պէս դողաց Եւ խունկի նման բարձրացաւ հոգիս, Ու տարածուեցաւ պարապութեան մէջ Ժպիտս բեկբեկ, Բայց չգիտցայ, թէ այդ պահուն սիրելի, Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս զիս աքացեց... Շուարեցայ ես յայնժամ, դարձայ նորէն պատանի, Եւ զոյգ աչքեր աղջկայ քնացուցին զիս. Բայց արթնցայ ես ընդոստ, երբ զիս գտաւ վերստին Այդ միեւնոյն աքացին: Այնուհետեւ ամէն տեղ եւ ամէն ժամ Հետապնդեց զիս օրերուս երկայնքին, Եւ հոգիիս դարձաւ ահեղ ահազանգ Այդ անծանօ՜թ աքացին... Եւ վերջապէս իր անվրէպ հարուածով Անջատեց զիս այս երկրէն, Մատեաններով ողողեց, հնձաններով արբեցուց, Աքսորական ըրաւ զիս Եւ օր մըն ալ բաժակին մէջ գինիի Ուրուագծեց խաչուած տեսքը Յիսուսի...


ԱՆՓՈՒԹՈՒԹԻՒՆ Չորցած խինդի փշրանքներով Սնող մարդոց ողբին հանդէպ՝ Ես չկրցայ անփոյթ մնալ, Հետեւաբար, Իմ մարդկայնութեան խորքին մթերուած Գանձերս ամէն Անոնց վրայ շաղ տուի... Յետոյ՝ յոգնած ու հանդարտ, Ծանօթ-անծանօթ ոտքերու առջեւ Իմ շողշողուն զգեստներս փռեցի, Մինչ նայուածքներ չարախինդ Մերկութիւնս խոցեցին...


ՓՈՔՐԻԿ ԴԵՒԸ Այն յոյսով, որ ամէն շունչ Եւ շնչաւոր ամէն իր Պիտի կարենամ հաշտեցնել սրտիս՝ Ըմբոստացայ յոյժ, Յոյժ մարդկային թերութեանց դէմ, Եւ մանր ու թեթեւ հարցերու մէջ Մխրճուեցայ ես այնքան խոր, ...Որ կ’ըսեն, թէ անմեղ մարդիկ Իրենց խաղաղ երազին մէջ Տարօրինակ ընդմիջումներ ապրեր էին՝ Իմ դիւահար հոգիին Փոքրիկ դեւէն ահաբեկ...


ՀՄԱՅՔԻ ՏՂԱՆ... Հրեշտակներու ու փայտաշէն ձիերու Խաղը թողած հօրենական բակին մէջ, Բեկման ճիչն ու ուրախութեան աղաղակը հաւաքած, Առանց նոյնիսկ ցտեսութիւն ըսելու Մանուշակի նորափթիթ փերթերուն, — Ի՜նչ ահաւոր եղելոյթ — Ծնողական գուրգուրանքի փափուկ շղթան արձակեց, Եւ ճարճատող իր մարմնի կրակներէն դեռ չայրած՝ Ան շարժեցաւ իր սեւեռման թիրախին, Ուր չպայթած համբոյրի պէս Անձկութեան բոցը կ’արիւնագրուէր... Այս դժնդակ երթէն առաջ՝ Ոչնչացուց ինչ որ ունէր, Իրեն պահեց լոկ ժպիտ մը վաստակած, Ու քերթուած մը` հոգիին։ Ան կը քալէր անդադրում, Երկրաշարժը մօտալուտ Հեռազգացող ոռնոցին մէջ գազաններուն, Եւ ցորեանի սերմի փոխան՝ Զրկանքներու ականներով ցանցապատուած դաշտերէն, Ու սիրատանջ աղջկայ մը աչքերուն տակ մտահոգ՝ Սահելով կ’երթար հմայքի տղան, Երբ դէմ յանդիման եկաւ ամբոխին... ...Բայց մարդկային շնչող գոյքե՞ր էին անոնք, Բո՞յս էին անոնք, կենդանի՞ էին, Գուցէ գերմա՞րդ, կիսաստուա՞ծ, Որ երջանկութեան անունով այդպէս Նախնադարեան եւ լուսանուաճ Մեծ բաժակներով պատրանք կ’ըմպէին Ու կը խնդային... (Եւ ծիծաղն իրենց յատակին ինկող


Փշուր-փշուր թաւալող լամբի նման կ’աղմկէր...)։ Սարսո՛ւռ մը զգաց հմայքի տղան Ու երբ տեսաւ, սիրով հիւանդ նոյն աղջկան աչքերուն, Կը դողային ցoղունի տրտմահպարտ կաթիլներ, Ան հասկցաւ այն ատեն, Որ իր սիրտն ալ, իր կարգին, Կրակ կ’առնէր տարափոխիկ հրայրքի մը կայծերէն։ — Ողջոյն ձեզի, — գոռաց տղան, Եւ բառերն այդ` տխեղծ ու սին՝ Թաւալեցան պատերուն մէջ իր գանկին: Ու խօսեցաւ մէկն ամբոխին մէջէն բիրտ. — Ո՞վ ես դուն, հէ՜յ, ուրկէ՞ կու գաս եւ ո՞ւր կ՚երթաս»: Բայց հմայքով տարուած տղան ինք չէր յիշեր Ուրկէ՜ կու գար Եւ չէր գիտեր, թէ ո՛ւր կ’երթար, Քանզի կէտն իր սեւեռման Չունէր անուն: — Եթէ խօսիլ չես կամենար, Հեղ մը ժպտէ մեզի գոնէ, — Պահանջեց մէկն իրենցմէ: Յայնժամ տղան, Հրդեհներու ակունքներէն ժառանգուած, Տագնապահար երկրին վրայ Բացուած աչքերն իր վեր առաւ, Ու... ժպտեցաւ այնքա՛ն աղու եւ հոգեհան, Որ ամբոխը «ամէն» հծծեց, Կրկնեց «ամէն»: Uակայն տղան նկատեց, որ ճիչերն ամէն, Միջատներու պէս խայտաբղէտ, Եսին անօդ պարային մէջ զիրար անվերջ կը հալածեն:


— Ա՜խ, ի՛նքզինքս անջատած եմ աշխարհէն, Պիտի երթամ շատ հեռուն, Չունիմ տալիք ձեզ ոչինչ, Լոկ քերթուած մը ունիմ ես», Ու դուրս եկաւ սահմաներէն՝ աշխարհի Եւ ներխուժեց գօտիներն իր սեւեռման... «Ոչ ոք գիտցաւ, թէ ո՛վ էր ան, Մարդատեա՞ց մը անոպայ, Ծաղրածո՞ւ մը տրտմահար, Թէ սրբութեանց հաւատացեալ մըն էր պարզ...


ԹԱՂՈՒՄԷՆ ԵՏՔ Թաղումէն նոր վերադարձած Մարդերն ամէն, Երբ տակաւին չքացած չէ բարութիւնը իրենց սրտէն, Եւ եսն իրենց՝ միջոցի պէս՝ Մատներուն միջեւ ճզմել կ՚որոշեն, Ես առիթէն օգտուելով՝ Երկնի եւ իրենց միջեւ գտնուող Ամայութեան վարագոյրը կը վերցնեմ, Ուր քաղցր արեան շատրուաններէն Հրաթեւ իղձեր կը ցայտեն յանկարծ, Օդին մէջ ճօճուող ջահերը բոլոր Կը զարնուին իրարու Եւ կը հնչէ ծիծաղն առողջ Կիրակնօրեայ ղօղանջի պէս, Անմիջապէս՝ Ցանկութեան վախկոտ թուփերու շուքին՝ Հրեշտակներու քունը կը տանի, Ու ոչինչով ճոխ սեղանին առջեւ Խուլ աստուածներուն խրախճանքը խօլ կը սկսի նորէն... Այս մոգական տեսարանէն ներկաները հմայուած՝ Ամրան խաղաղ երեկոյին նման իջնող Վարագոյրը դեռ կը դիմեն... (Մինչ ես կը տեսնեմ մեռելի ոգին, Որ յուղարկաւոր ամբոխին վրայ՝ Անուշաբոյր հեղուկի պէս, Կարեկցանքն իր կը սրսկէ)...


ԴՈՂՆ ԱՐԱՐՄԱՆ Դողն արարման — յանցաւորի պէս — Շարժման կը մղէ Ոչնչագործ մատներըս յոգնած, Որոնք ծուլօրէն կը հպին դէմքիս` Թարթիչներուս կուտակուած առօրէական փոշիները սրբելու: Զուարճալի գուրգուրանքն այս, Որ անատամ կատուներու Թոյլ ճանկերով կ’արտայայտուի, Ինչպէ՞ս կրնայ մոռցնել, թէ Մենք զաւակներն ենք արիւնոտ դարուն, Ամօթի՛ դարուն, Որ երկաթէ թեւնոցներով մեր կանչերը կը շոյէ, Եւ հակառակ իր կամքին, Եւ հակառակ մեր կամքին, Մեր մտքին մէջ դեռ կը բացուի այն պաստառը սրտայոյզ, Ուր սպառնալից Կորիզային ռումբի կողքին՝ Հրթիռներն ու թիթեռները Տագնապահար կը ճակատին...


ՏԵՆԴՆ ԱՐԱՐՄԱՆ Անպատսպար Եւ անորոշ սահմաններով Էութեանս տարածքին` Սիւներ փուլ կու գան, Կ’աւերուին հողեր, Քաղաքներ կ՚այրին, Կը խամրին մէկ-մէկ Տենդերն արարման... Հոս՝ ե՛ւ անցեալն է, Ե՛ւ ներկան, ու գալիքը շուարած, Որոնց միացման կէտին ալեկոծ՝ Հաւաքուեր են աշխարհի Շնչաւորներն անասուն, Մարդերը ամէն, Աստուածները խուռներամ, Եւ վերացած` կ’ըմբոշխնեն Անկումներու՝ Ամէնօրեայ փառատօնը բարբարոս: Իսկ ես, Փոխանակ միջամտելու, — Էութիւնս ըլլար կարծես ինձմէ անկախ գոյութիւն — Հանդիսատես ամբողջին մէջ Զուր կը ջանամ զետեղել անձս անընտել...


ՃԻՉՆ ԱՐԱՐՄԱՆ Պատեհապաշտ յոյզերէն Եւ պատրանալիր նուաճումներէն Գիտակցութիւնս յոգնեցաւ նորէն։ Այնուհետեւ Կը մերժեմ կիսել Ես բերկրանքը ձեր, Որուն ետին Հաւանական տանջանքներ կան աւերիչ: Աղմկայոյզ համերգներու Չեմ մասնակցիր ես արդէն, Որովհետեւ՝ Հազիւ մօտեցած Խրախճանքի ձեր լիառատ սեղաններուն ՝ Uպասներէն ու ձայներէն Ողբերգական սուրսայր ճիչեր կը լսեմ...


ԿԱՐՕՏ... Ողջ մնալու պարտադրանքէն՝ Պիտի ինքզինքս ազատագրեմ... Թէեւ դժուար ու դանդաղ, Այսուհանդերձ, անպայմա՛ն Վերադառնամ պիտի ա՛լ՝ Սուրճի բոյրով պարուրուած Բիւրեղային վիճակիս, Ուր բոցարծարծ աչքեր կան, Անքուն, ինչպէս արշալոյս, Ուր սեփական իմաստի Մաքառումին մրրիկն է, Եւ աչքերը Յիսուսի՝ Միշտ տարուբեր ու ժպտուն... Այսպէս ընդմիշտ, վերջապէս, Հրաժարիմ պիտի ես Իր մարմինը սնուցանող կենդանի մը ըլլալէ, Եւ արտաքին անցարգելները բոլոր Պիտի ի իսպառ խորտակուին, Թէ որ կրցայ խղճմտանքիս հոգածութեան յանձնուիլ...


ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ Անվստահութեան սարսափով լեցուն՝ Մարդիկ չարութեամբ կը կանխեն զիրար Եւ փուռերուն առջեւ փութով խռնուած` Ճանկեր կը սրեն ու կը մերկանան... Ես ահաբեկուած՝ Մատներով բարակ Մեծ պարապը շօշափելով՝ Խրտչած հայեացքս կ’որոնեմ հիմա: — Օ՜, խղճմտանք իմ, — Զզուանքի ու կարեկցանքի ամուսնութեամբ Սերած մութէն Ազատէ զիս...


ԵՌՔՆ ԹԱՆԱՔԻ Իմ բազկերակիս ընդմէջէն կ’անցնի Անգոյն օրերու թելը կասկածի Եւ կը թուի թէ բառերս բոլոր Օշականաբնակ վարդապետին մօտ Տարրեր են մեռեալ.՝ Բայց ճիշդ այդ պահուն Եւ կրկին անգամ Աստեղախտիղ Սատանաներ մութ Կը յիշեցնեն թէ Պարտաւոր եմ արդարացնել Այն սիրելի պարիկն անտես, Որ սրտիս մէջ, օր մը անյայտ Թանաքի այս եռքը դրաւ:


ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ Մելանի այս եռքն ահարկու Եւ թուղթերու բոյրն զգլխիչ Առին-տարին զիս այնտեղ, Ուր անհատնում մելան կար Եւ թուղթ անհամար: Ուշ էր, շատ ուշ, երբ ուզեցի Ըլլալ փոքր եւ ուրախ, Ա՜հ, անհատնում մելան կար Եւ թուղթ անհամար... Այս hnuա՜նքը, Այս սոսի՜նձը, Բայց չկրցայ ես անջատուիլ անոնց լուծէն խելագար, Որովհետեւ՝ Ա՜հ, անհատնում մելան կար Եւ թուղթ անհամար:


ԾԱՒԱԼԱՊԱՇՏ ՈԳԻ... Առաձգական, անհանդարտ, Ալեծուփ ու անհաշիւ Եւ սանձարձակ այս ոգին՝ Ո՛վ որ ձգեց արիւնիս Թող գայ, ըլլայ տէր անոր, Դաշնաւորէ թող գոնէ Շփոթները խուռնամբոխ, Որ մարմինն իմ — իբրեւ անպէտ սահմանաքար — Չդարձնէ զոհ մը զուր Իր աննշան քմայքին ծաւալապաշտ այս ոգին...


ԱԼԼԱՀԻՆ ԲԵՌԸ


ԱԼԼԱՀԻՆ ԲԵՌԸ Ժողովուրդ մը դագաղին մէջ Ու դագաղը Ալլահին բեռ Եւ չընդհատուող, չվերջացող Անօրինակ թաղման թափօր...


ԶԻՆԵԱԼ ՈՐԴԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ Քրիստոս իջաւ՝ Յերկիր Լիբանանու (Ձեզի, մեզի մե՜ծ աւետիս), Հազար ինն հարիւր ութսուն մէկ տարուան Յուսախաբութեան խորշոմը դէմքին, Տէրը եկաւ սուրը մէջքին, Փամփուշտները խաչկալ կապած, Գորովագութ աջն իր տարաւ Լիբանանեան ցնցումներէն, Հայաստանի ջերմէ՜ն այրող իմ ճակատին, Եւ ցորեանի հատիկներուն Խոնարհութեան, ինքնազոհման ու աճումի Առակները պատմեց ինծի... Եւ մարմինն իր թափանցիկ էր, Ուր աշխարհի, յարափոփոխ Քարտէսները կը գծուէին... Տէրը եկաւ այսպէս հաստա՛տ, Այլ՝ մտազբաղ, Անուշաբոյր իւղերէ Մաքրեց մարմինս ամբողջ, Հաւատքո՜վ լոգցուց Եւ Ծերունի Մակարին Տրեխներն ու յեղաշրջման աշխատանքի Երկաթակուռ ոտնամաններ թելադրեց Եւ համբարձա՜ւ, վերստին: Մեկնումէն ետք, Լիբանանեան վէրքերուն հետ՝ Ի՜ր պատկերով գծագրուած Հայաստանի սահմաննե՜րը մնացին։



ՀՐԱՒԷՐ ՄԵԾԵՐՈՒՆ Արիւնը իմ յոյսիս հետ յամառ՝ Կը սպասէ որ Ֆորտ, Ուիլսըն, Պրեժնեւ եւ Ժիսքար տ’Էսթէն Բանուորական համեստ հագուստ իրենց մարմնին Ու հոգիին՝ համեստ հոգեր, Իրարու հետ մտերմօրէն զրուցելէն Օր մը յանկարծ դուռը բախեն իմ տնակիս: Եւ բակին մէջ, Փոքրիկ–փոքրիկ աթոռներու վրայ նստած՝ Ֆորտ ու Ուիլսըն, Պրեժնեւ եւ Ժիսքար տ’Էսթէն Ծխախոտը փաթաթելէն Քիչ մը խօսին վարուցանքի Հանապազորդ մեր հոգերէն: Արիւնը իմ դողերուս հետ նոյնացած, Որքա՜ն կ’ուզէ, որ կատարուի այցն այդ հրաշք Բնութեան մէկ աղուոր պահուն, Ձնծաղիկի զարթնումին հետ, Վերէն անցնող թռչուններուն սիրերգներով ողողուն, Կամ անձրեւածեծ հողին բոյրէն արբեցած՝ Գային մեզի Ֆորտ ու Ուիլսըն, Պրեժնեւ եւ Ժիսքար տ’Էսթէն Ու խօսէին մեր վէրքերէն...


ՄԱԿ-Ի ՊԱՏԿԵՐԻՆ ԲՈՑԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ Եթէ երբեք կանչերս խաղաղ ՄԱԿի պատկերին բոցերուն վրայ Մոխրակոյտ դառնան Եւ ազգերը մեծ Շիկնելու փոխան Շարունակեն դեռ Գութ բաշխել մեզի Ըսէ, աշխարհ, Ի՛նչ սոսկումով պիտի ապրիս Անձնասպանի վճիռը իմ. Ափսոսանքի ի՜նչ հառաչով Պիտի ողբաս՝ Մէկ այլ նուագ գնդացիրի:


ՍՐԲԱՑԱԾ ԴՈՂԵՐ... Տրորուած հողեր, Չարչարուած հողեր, Ճաքճըքուած հողեր, Մեր հոգիէն դուրս սրբացա՜ծ դողեր...


ՊՈՌՆԻԿ ԱՐԵՒ Չկրցա՛ր երբեք Բարիքդ բաշխել — Նաե՛ւ փոքրերուն — Հաւասարապէս: Չկրցա՛ր երբեք Բնութեան անեղծ Պարգեւը ըլլալ, Եւ որովհետեւ՝ Չափազանցօրէ՛ն թանկ էիր, հոգի, Փոխան իշխողի՝ դուն ստրո՜ւկ դարձար, Այս ողբալի կացութեան մէջ, Պոռնի՜կ արեւ, ա՛յ խեղճ աղջիկ:


ԱՆԱՏՈԼՈՒ Մղձաւանջի պէս կրկնուող կրակոցներն առօրեայ Եւ վերստին բարձրացող պատնէշները աւազէ, Ա՛լ ոչ մէկ ձեւով կ’անդրադառնան Զիս պարուրող մտահոգիչ հանդարտութեան, Ու ես՝ զգաստ, սարփինայի լուռ ոստին պէս, Հասուն միրգերու պտղաստանին մէջ Թեւերս պարզած՝ Սպասումներու շանթարգելին դէմ Անքթիթ կեցած՝ կը ժպտիմ երկա՜ր...։ Եւ սպառնական ու յոյժ ընդլայնուած, Իմ ժպիտներէն կը պատառոտուին շուրթերս հիմա, Մինչ Անատոլուն՝ Ի տես խօսող մեռեալներուն, Լռութիւնն իր խնամելով հաշիշի պէս, Փորսող տալով աւարներուն վրայէն, Կու գայ - կ’անցնի այգեստանիս ընդերքէն. Այս Անատոլո՜ւն, Հին ու խանգարուած հրասայլի պէս Հազիւ մօտեցած՝ Ելեկտրական ցանցերով պատած Եւ զերզգայուն իմ սահմաններուն՝ Կը պայթի յանկարծ... Յայնժամ սեփակա՛ն իմ երկինքներէն Կրակ կը տեղայ ծիածանի՛ պէս... Մինչ ես՝ Uպասումներու շանթարգելին դէմ Անքթիթ կեցած՝ Կը ժպտիմ երկա՜ր...


ՀՐԱՄԷ,

ՏԱՐ

Հողմացրիւ մեր յոյսերուն, Բազմակուտակ մեր վէրքերուն Եւ վիրաւոր մեր ձեռքերուն Ու ձիրքերուն երգը կու տանք քեզի Աշխա՛րհ՝ Հրամէ, տար...


ԲԱԶԷ Երազներս կը կուտակուին, Կը գալարուին անզօրութեան քուրային մէջ Եւ սեփական խենթութիւնն իմ, Տէ՛ր Արամազդ, Արդ կը բախի կալանաւոր իմ կիրքերուն, Որոնք տակաւ կը մոխրանան Իրենց ամուլ արգանդին մէջ։ Իսկ դարերու շղթան վրան, Մեծ-հայրիկ մը ահաբեկիչ, Խոհերուս մութ քարայրին մէջ ծուարած` Լուռ կը խոկայ ելքին մասին։ Մինչ թեւաբեկ բազէ մ'անբան, Գագաթներ տանող զառիվերն աչքին՝ Նստեր է իմ մէջ Ու չի արտասուեր, Բայց կարմըրեր են աչքերը անոր (Մահկանացու, տրտո՜ւմ բազէս, Ինչպէ՛ս փրկեմ քեզ քու անձուկ այս վիճակէն. ………………………………………………………………….. ………………………………………………………………….. Ահաբեկիչ մեծ-հայրիկին մօրուքն որքա՜ն ճերմկեր է, Տես, քա՜ջ բազէ...)


ՃԵՆՃԵՐ Մհերի ցասկոտ թռիչքն է բեկուած Քարանձաւին մէջ այս մթնոլորտին, Ուր փերիներուն մրմունջը գինով Խոնաւ պատերուն ընդդէմ կը մարի, Մինչ ուշ գիշերին Անձնուրացներուն զարկը վերստին Սիփանայ քաղցր ցաւէն կը բխի, Եւ քայքայուած ջիղերուն պէս՝ Բզկտուած Լիբանանի, Մեր գոյութեան արմատները կը պրկուին` Ամենայն տեղ ուր ձիթենեաց, Ճղակոտոր ծառերն անյոյս կը տատանին... Մեր ընթացքին վերեւ թեքուած` Անմարդաբնակ այս շէնքերու արանքներէն Մենք անշտապ կ’անցնինք հիմա, Զի քիւերէն սառոյցի՛ պէս Կախուած բոլոր հարցումները պիտի հալին, Աչքի՛ նման կորուսեալ՝ Ճենճերացող մեր հողերուն շողերէն...


ԱԿԱՆՆԵՐ Զինարգելի վերացման Եւ «Մարդկային իրաւանց» Քմծիծաղներ կը հոսին Մեր տան կտուրէն, Մինչ օրերը սողացող՝ Անփառունակ են նորէն, Ճերմակ դրօշ են կրկին Ու սրտի սուր խիթ: Շուրջս պահուած ականներու Զերօ ժամերն յարակայ՝ Շուար անցնող աղջկայ Ոտնահետքեր են անտես Ու կը ճնշեն անընդմեջ Անգարայի օդին պէս...


ԱԽՕ Եթէ ոչ հատն ցորենոյ… Սպառազէն այս առօրեան, Որ կը ջնջէ ամէն յարգանք, Արտօնագիր պիտի դառնայ Կրպակներուն լինելութեան։ (Իսկ Օրէնքը պիտի դառնայ Գերիրաւանց դիմաց քաշուած ծածկոց մը պարզ)։ Եւ ուշացած, Դո՜ւրս մնացած երեխաներ, Երեկոյի շողերուն մէջ Երկարօրէն պիտի յուսան, Որ աշխարհը Իր խղճին տրուած ծաղկեպսակին Գինը վճարէ... Յայնժամ Ախոն, Եղբայրութեան եւ հաշտութեան Կարօ՞տ Ախոն, Փամփուշտակալը խղճի նման խաչկալ կապած, Զէն ի ձեռին Պիտի Երկի՜ր ա՛լ ժամանէ վերստին...


ԱՂԵՐՍ... Վ. Շուշանեանի հոգիին Հոգեպարար այս պահուն, Երբ խնկաբոյր ամպին մէջէն քուլաներուն Հազարաւոր մեղեդիներ կը խուժեն, Ես կը տեսնեմ քեզ նորէն Հրաշագեղ արկածներու ծնունդ տղայ, Հրաշագեղ արկածներու սնո՛ւնդ տղայ, Որ տենդով մը հրաշափառ՝ Աղջիկներուն պաղատանքը ետիդ ձգած Եւ մեսրոպեան տառով հիւանդ՝ Տեսիլքներու թոնիրներէն հաց ու բոցեր արձակելու կը փութաս։ Կը տեսնեմ քեզ, Երբ փարիզեան գռիհներուն լոյսերն ի վեր Դուն կը նետես բուռ մը քիստեր՝ բերուած դաշտէն Շիրակայ Կամ կը պոռան երակներուդ, երբ սօսափներն Դիլիջանի` Հայրենական հմայքներով` հիւա՜նդ տղայ... Բե՛ր մեզ նորէն, Հալածական նախնիներու մեհեաններուն հո՛ւրը բեր, Ու ապստամբ մեր լեռներուն բոմբիւնը բեր, Որովհետեւ մենք` վերստին մարտի ելած` Կենդանարար մեռելներու աջակցութեան պէտք ունինք...


ՔԻ՛ Չ ՊՈՌԱ, ԶԱՐԵՆՑ... Առաւօտուն, երբ արթննամ, Ես զիս դատարկ կը զգամ նորէն Ու կը սոսկամ... Արարչութեան բարի ոգին Կարեկցանքով Կը բռնէ ձեռքս տկար, Դուրս կը բերէ անկողինէս Ու մտերիմ խստութեամբ՝ Ծանօթ բառեր կը շշնջայ։ (Մի՛ պոռար, Չարենց, Ազնուազն կամա՛ց պոռա, Եւ կարելի եղածին չափ նուա՛զ պոռայ, Հոգի՜ Չարենց...) Օ՜, ներեցէք, ընկերներ, Որ վերստին պիտի մեկնիմ ձեր աշխարհէն. Իմ աշխարհի տէրերն անտէր Կը ստիպեն, որ աճապրեմ։ Տեսէ՛ք երթիս տրտմաթախիծ կշռոյթին մէջ` Խելագարուած զօրութիւնս հաւաքելով` Օդին մէջէն կը սաւառնիմ` բեղմնափոշի որսալու: Համբոյրներուս վերջին հիւլէն Բաժնուեցէք ձեր միջեւ, Ապա դարձէք տունը ձեր Ու ներեցէք, որ շատ երկար պիտի մնամ առանձին։ (Քի՛չ պոռա, Չարենց, Առնուազն կամա՛ց պոռայ Եւ կարելի եղածին չափ նուա՛զ պոռա, Հոգի՜ Չարենց,


Ձայնիդ պայթող միլիոնաւոր բջիջներէն Բողբոջ բառերս կրնան մոռնալ կշռոյթն իրենց, Մի՛ պոռար, Չարենց...)։


ԹԱԽԾՈՏ ՇՈՒՐՋՊԱՐ ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ Աղջիկներուն աչքերուն մէջ, Թէ խնճոյքի սեղանին շուրջ, Ո՛ւր որ եղայ՝ նոյն պարապին չուանները հետեւեցան պարանոցիս, երբ, ի վերջոյ, Ժամանակի եւ բնութեան մշուշներէն Քառասմբակ ու քառասուն օրեր եկան կտրատեցին չուանները քայլերուս Ու բարձրաբերձ պարապներէն ինկայ հողիդ՝ խոնարհագոյն պտուղն իբրեւ քու շինական մշակներուդ։ Աղմուկ չկար. Լոկ մեղուներ կը բզզային Ու նարինջի պարտէզներուդ Եւ ձիթենեաց բոյրը համով տարածուեր էր կարկաչդ ի վեր, որուն ի լուր` Հայաստանի հալածական եղնիկները բռներ էին դաձի ճամբան։ Եւ ես հանգիստ ու երջանիկ Պարկեր էի շուաքներուդ, Երբ շուրջպարը թնդաց յանկարծ, հրազէններ որոտացին ու ես ընդոստ՝ արիւնատար կածաններէդ՝ վեր ցատկեցի։ Աստուածներուդ կատա՞կն էր այս, Թէ պարզապէս քեզմէ սերած իմ մարմինս էր լերան փոխուեր, Որուն ամէն մէկ մասնիկէն կը բխէին խորհուրդներ Եւ Վերֆելի իսկ ցանկութեամբ ու քառասուն լեզուներով յաղթանակդ կը պոռային... Մինչ ես փոխան պարծենալու՝ մեծութեանդ ծանրութեան տակ կը դողայի,


երբ քու անգիր պատգամներդ չիրագործած՝ գոյութիւնդ հաստատելու համա՛ր միայն եկեր էի։ Հայրս էր եկեր մեծ հօրս հետ, Եկեր էին մեռած ու ողջ կերտիչներն ու ծնունդները ցասումիդ,, որոնք տակաւ մրմնջեցին, մրմունջները դարձան խօսքեր, ու խօսքերը՝ գոռ աղաղակ։ Ու բարբարոս աղմուկ մը յորդ՝ Աննախընթաց ու խժալուր, սարսռազդեցիկ, որուն դիմաց հանդարտեցան գոչումները կատղած ծովուն, իսկ ցանկութեան միջեւ երկու մառախուղը չդիմացաւ, եւ հասկցաւ, որ ի վերջոյ պէտք է մեկնիմ հո՛ն՝ Ուր երկու ըղձանքներու ուժգնութիւնը կը փռուի... Յայնժամ բոլոր աղմուկները շիջեցան, Երբ կանգնեցար Միջերկրական անդի ափին Զինաթափուած, այլ ուղիղաչք Ֆետայու պէս, Մուսա՜ լեռ, Պատերազմին յաղթական, այլ վիրաւոր արքայի սլէս, Երբ ծովերէդ, երկինքներէդ կոմիտասեան շարականներ մաղուեցան ու մերթ ընդ մերթ, անոնց կողքին, այնքան թախծոտ ու թովիչ հարսանեկան շուրջպարիդ ելեւէջները հնչեցին...


ՕՂԱԿԻՆ ՄԷՋ


ՔՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾԸ Պիտի օր մը ձերբազատիս կեանքի հեւքէն Ու փախչելով միապաղաղ առօրեայէն, Պիտի պահ մը դանդաղիս դուն՝ Մուտքին առջեւ քերթուածներուս: Երկչոտութեամբ պիտի առնես քայլն առաջին, Պիտի մտնես անոնց մռայլ թաւուտին մէջ, Ու շնչելով բոյրը տամուկ թուղթերուն՝ Կասկածանքով պիտի փնտռես քերթուածը քու... Մինչ շուարած անակնկալ քու այցէն՝ Յանկարծ պահ մը պիտի դադրի Ամէն շշուկ թաւուտին մէջ...


0ԳՈՍՏՈՍ 5՝ — ՄԱՆԻՇԱԿԻ ՍԵՐՄ — Կիսախաւարին Ընդմէջէն եկար. Որքան մօտեցար՝ — Թանձր օրերուս պարարտ հողերուն — Այնքան աճեցար Եւ իմ ուղեղի ակօսներն ի վեր Սլացար յանկարծ, ուիսքիով օծուն Մանիշակի պէս, Անցնելով համակ իմ ողնուծուծէս՝ Կիսեցիր անձս, մանիշակի պէս, Փշրեցիր ժայռոտ զանգուածս մաս-մաս Ապա տիրեցիր իմ բջիջներուս Մանիշակի պէս, Եւ միջոցին մէջ Մնացիր իբրեւ մանիշակի սերմ...


ԻՄ ԽԵՆԹՈՒԹԵԱՆ՝ ՔՈՒ ՎԱԽԻԴ... Եկար, հոգի, եւ զարմացար, Որ գալուստդ դէմքիս ժպիտ չբերաւ, Ու վշտահար՝ մեկնեցար... Այնպէս՝ ինչպէս չշլացայ քու գալուն՝ Հեռացումդ ալ ողջունեցի ցրտութեամբ, Եւ չզգացիր, ի հարկէ, Թէ քայլերուդ հետ քարշ տուիր ծուէններն իմ ջիղերուն: Չհասկցար, սիրելիս, որ երբ կու գան Այդքան դիւրին, այդքան պարզ, Խորտակումը կ’ըլլայ այսպէս երկուստէք: Եւ երբ ահա ես կամօք Կորուսեր եմ քեզ արդէն, Կրնկակոխ պիտ հետեւիմ քեզ կրկին Ու աւերուած թաղերուն մէջ Պէյրութի՝ Պիտի ի սպառ հալածեմ քեզ, իմ աղուոր, Իմ յարաճուն տառապանքով նուաճելու համար քեզ՝ Այնքան կարօտ իմ խենթութեան՝ քու վախիդ...


ԴՈՒՔ ԳԻՏԷ՞Ք, ԱՉՔԵՐ Դուք, որ լոյսի պէս Ու սիրոյ համար աշխարհ էք եկած, Դուք գիտե՞ք, աչքեր, Որ պարզօրէն օր մը կրնաք Այրելու դաժան գործին ծառայել, Ինչպէս որ, յանկարծ, Բարի Նոպէլի ուժանակն ըրաւ... Դուք գիտե՞ք, աչքեր...


ՕՂԱԿԻՆ ՄԷՋ... Պատերազմի, ամայութեան եւ քաղաքի առանձնութեան ու գալիքի լռութեան դէմ, Երբ քմայքս պայթեցաւ, Իբրեւ միակ քաղաքացի՝ Իբրեւ անխախտ մէկ օրէնքը բնութեան՝ Օրինազանց փողոցներէն քալեցի: Երբ քայլերս հասան շէնքիդ՝ վտանգները փարատեցան Եւ աստիճան առ աստիճան վտանգն իսկոյն բարդացաւ, Քանզի դուն ալ օրինազանց առանձնութեամբ էիր մեծ... Հիմա արդէն նստած էիր վանդակին մէջ օրէնքներուն Եւ պինդ պահած իմ բառերը Կը կպէին թարթիչներուդ, Որոնք կամքով մը ակամայ կը ջանային զոհերն ըլլալ աւանդական շղթաներուն... Ու ձայնը իմ՝ Արտաքնապէս ընդունուած, իրողապէս հերքուած ձա՜յնս խեղճ Սովորութեանց կը բախէր Եւ կ’որոնէր կապանքներուն հանգոյցները, Երբ առաջին ցնցումէն ետք, ստացար յանկարծ ցորեանի երանգ, Մինչ վարձատրուած հոգիի մը պէս՝ Ես պարուրուեցայ դէմքէդ արձակուող լաւաշի բոյրով։ Եւ պայթեցան բառերս հոծ՝ հրթիռներու պէս տօնական եւ մերկութեան փերթերու պէս եկան պար: Զի, դող առ դող քակուող ժպիտդ բեկբեկ՝ Փլող բոլոր շէնքերուն հետ՝ վերականգնել կը փութար աղաւաղուած դիմագիծը այն աղջկան... Եւ ես արդէն արուեստի գործ աղջիկներուն


Սիրոյ մասին կը խօսէի ու կ’ըսէի, Թէ պահելու համար հմայքը ցորեանի Յանձն առի այն աղջիկը կորսնցնել Եւ կ’ըսէի՝ թէ ժամանակ կոչեցեալը ես ինքս եմ, որ ռումբի պէս սուրալով տարծութեան ընդմէջէն պիտի երթամ սպասումէն մեղկացած թեւերուն մէջ շիջելու... Ես լռեցի, դուն սկսար Ու երբ ձայնիդ մէջ դողահար գուրգուրանքներն աճեցան՝ Մենք միասին մխրճուեցանք լռութեան մէջ... ………………………………………………………………………………………… ………………………………………………………………………………………… ………………………………………………………………………………………… Մեզմով առլի քնահմայ մթնոլորտէն Պէտք էր արդէն ա՛լ դուրս գայինք. Եւ երբ ելայ, «Մնաս բարով» ըսելու տեղ՝ «Դարձեալ կու գամ» կարծեմ ըսի, «Երթաս բարով» ըսելու տեղ՝ «Նորէն եկուր» կարծեմ ըսիր, «Ետիդ թողած դատարկ բաժա՜կս ալքոլի, Վերադարձիր, քեզմո՜վ լեցուր» Ըսիր ինծի ու փակեցիր դուռը մեղմիւ: * * * Թնդանօթի իրարամերժ բոմբիւնները լռեր էին Ակնթարթի մը համար, Պատերազմի աւերները փռեր էին Ծլարձակման լուծումն իրենց՝ ակնթարթի մը համար...


ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ Բառը... ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ Եւ ես եկայ Գրեթէ... Շարժումներ Խաւարտչին ծիծաղ Խորքին շարժումը Տենդահար վիճակ Աքացին... Անփութութիւն Փոքրիկ դեւը Հմայքի տղան Թաղումէն ետք Դողն արարման Տենդն արարման Ճիչն արարման Կարօտ... Անվստահութիւն Եռքն թանաքի Որովհետեւ Ծաւալապաշտ ոգի ԱԼԼԱՀԻՆ ԲԵՌԸ Ալլահին բեռը Զինեալ Որդին Աստուծոյ Հրաւէր մեծերուն ՄԱԿի պատկերին բոցերուն վրայ Սրբացած դողեր Պոռնիկ արեւ Անատոլու Հրամէ, տար


Բազէ Ճենճեր Ականներ Ախօ Աղերս... Քի՛չ պոռա, Չարենց Թախծոտ շուրջպար հարսանեկան ՕՂԱԿԻՆ ՄԷՋ Քու քերթուածը Օգոստոս 5՝ — մանիշակի սերմ — Իմ խենթութեան՝ քու վախիդ... Դուք գիտէ՞ք, աչքեր Օղակին մէջ... Բովանդակութիւն


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.