Sipan 2019:Sipan 2006
11/21/19
10:17 AM
Page 1
►▷ Տնօրէնին խօսքը
ՍԻՓԱՆ - 2019
ստուծոյ շնորհքով տարի մը եւս բոլորեցինք անցեալին յանձնելով Հայ Աւետարանական Գոլէճի իննսունվեցերորդ տարին:
Ա
Անցնելէն ետք դիւրին է ըսել «անցեալին յանձնեցինք...»:
ԴՈԿՏ. ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ Տնօրէն
Ժամանակի պրիսմակէն դիտուած տարին մէկ է՝ եզակի, բայց այդ տարիին մէջ գործողներուն համար անիկա ոչ միայն 365 օր է, այլեւ հազարաւոր ժամեր՝ լի անհաշուելի մտահոգութիւններով եւ ուրախութիւններով, բարկութեամբ եւ ներողամտութեամբ, անհամբերութեամբ եւ լայնամտութեամբ, նոր յարաբերութիւններու մշակումով եւ հիներու վերահաստատումով: Այս բոլորը միայն ֆիզիքական աշխատանք ու ջանք չեն, այլեւ հոգեկան լարում, մտային պրկում եւ այլն, եւ այլն: Ուրեմն ինչպէ՞ս կը յանձնենք այդ բոլորը անցեալին, երբ չենք կրնար անոնց ազդեցութենէն ձերբազատիլ նոյն արագութեամբ որ կ’անցնի տարին, իսկ եթէ ուրախառիթ պատահարներ են, չենք ուզե՛ր որ արագ անցնին...: Հայ Աւետարանական Գոլէճի 2018-2019 տարեշրջանը վերջացաւ, այո՛, բայց անցեալի հետքերը անջնջելի են: Փա՞ստ: Չէ՞ որ մինչեւ այսօր կը վայլենք հիմնադիրներուն 96-ամեայ տեսիլքին բարիքը, կը շարունակենք ցաւիլ պատերազմի չարիքէն, բայց օգտուիլ դպրոցի բարձր վարկը ապահոված մարդոց բարի կտակէն, կը շարունակենք օրհնուած զգալ այնտեղ աշակերտած հազարաւորներուն երախտապարտութենէն, որոնցմէ մին՝ ութսունվեցամեայ ալեհեր շրջանաւարտ մը ինծի ըսաւ. «Ինչ որ եմ կը պարտիմ այս դպրոցին ամէն մէկ քարին»: Ինչպէ՞ս ասիկա յանձնել անցեալին: Ո՛չ. ճիշդ չէ: Տարի մը չանցաւ անցեալին: Տարի մը պահ դրինք պատմութեան: Պահ դրինք, որպէսզի անկէ սորվինք եւ անոր վրայ աւելցնենք նոր տարիներ: Բարի աւարտ եւ բարի սկիզբ...
1