Յուլիս 5` Հայաստանի Սահմանադրութեան օր
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.497 - 11 ÚáõÉÇë 2013 - лé. (54 11) 4775 7595
կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
«Ազրպէյճանին ռուսական զինուորական արհեստագիտութեան մատակարարումը պիտի մեծցնէ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման սպառնալիքը»
Հ
այաստան չի կրնար իր ռազմավարական գործընկերոջը թելադրել` ինչպէս յարաբերութիւններ կառուցել
երրորդ երկիրներու հետ, սակայն այն, որ Ազրպէյճանի մէջ կը բարձրացնեն զինուորական պիւտճէն, չի կրնար չանհանգստացնել Հայաստանը, յատկապէս Ալիեւի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն խորապատկերին վրայ: Այս մասին News.am-ի յայտնեց Հ.Յ.Դ. խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն ռուստամեան` մեկնաբանելով լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող` Ազրպէյճանին ռուսական զինուորական արհեստագիտութիւն մատակարարելու մասին տեղե-
կ՛ըսէ կիրօ Մանոյեան
«Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերը կարելի է նկատել Էրտողանի անկումի սկիզբ»
Կ
ովկասի հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ բաց հասարակական բանավէճ` «Թրքական ամառը եւ անոր հետեւանքները շրջանին համար» նիւթով: Բանավէճին կը մասնակցէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական Հարցերու գըրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ըստ անոր, Թուրքիոյ մէջ բռնկած բողոքի ալիքը ուղղուած էր հիմնականին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի դէմ, որ կրցած է վերջին տասնամեակին մեծ ազդեցութիւն ձգել ամբողջ Թուրքիոյ վրայ: Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերը, մասնաւորաբար ժողովուրդին դէմ կիրարկուած բռնի ուժը, կրնան իրենց ազդեցութիւնը ունենալ Թուրքիոյ վրայ միջազգային ասպարէզին մէջ, ինչպէս Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ: «Այս դէպքերը կարելի է նըկատել Էրտողանի անկման ըս-
կիզբը, եթէ շարունակէ այն ոճով, որով մինչեւ հիմա շարունակած է», յայտնեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` աւելցնելով, որ Էրտողանի ղեկավարած կուսակցութեան ներքեւ կրնան տեղի ունենալ փոփոխութիւններ, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ նաեւ Էրտողանի թուլացման: Ըստ անոր, «թրքական ամառը արաբական գարուններուն հետ կապ չունի: Նմանութիւններ կրնան ըլլալ, բայց տարբերութիւնները շատ են»:
կութիւնները: Ըստ անոր, Ազրպէյճանին ռուսական զինուորական արհեստագիտութեան մատակարարումը կ՛ընդլայնէ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքը: «Եթէ Հայաստան խաղաղութիւն կը ցանկայ, ապա պէտք է պատրաստուի պատերազմի: Այսպիսի հակառակորդ մը զըսպելու այլ ճամբայ չկայ: Ազրպէյճան պէտք է իմանայ, որ զինւորական գործողութիւններու վերսկսման պարագային մեծ կորուստ պիտի կրէ», ընդգծեց Արմէն ռուստամեան:
Պ
աքուի ղեկավարին նորագոյն յոխորտանքներուն անդրադառնալու անհրաժեշտութիւն չէր զգացուեր, եթէ կարեւոր հանգամանք մը վերլուծման փորձ կատարողին համար ինքզինք տիրական ձեւով զգալի չդարձնէր: Ազրպէյճանի նախագահին յոխորտանքները անշուշտ ուղղորդուած էին Մոսկուայի կողմէ նկատառելի ծաւալով կատարուած զինավաճառքին եւ սպառազինութեան նոր ոստումին: Եւ բնական է անշուշտ, որ հայկական դաշտին համար առնուազն մտահոգիչ նկատւէր երեւոյթը կրկնակի իմաստով: Նախ հակառակորդին ռազմականացումին նոր աստիճանաչափի նուաճումը, երկրորդ զինուժի մատակարարին հանգամանքը: ի վերջոյ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր եւ առանձնաշնորհեալ ռազմավարական գործընկերըն էր, որ առեւտրական հսկայական գործարքներով կ՛առընչուէր Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը չընդունող Ազըրպէյճանին հետ: ռուսական դիրքորոշումներու այս ելեւէջները եւս ըզգայացունց իբրեւ նորութիւն պէտք չէ ընկալել, մեկնած քաղաքական գործնապաշտութեան կիրարկուող տեսութե-
Հ
անրապետութեան հիմնական օրէնքը հանրաքուէի միջոցով ընդունուած է 1995 Յուլիս 5ին: Տասը տարի անց` 2005 Նոյեմբեր 27ին, երկրին մէջ կրկին իրականացաւ սահմանադրական հանրաքուէ, որուն ժամանակ քաղաքացիները հաւանութեան արժանացուցին գլխաւոր փաստաթուղթին մէջ առկայ փոփոխութիւնները: Այդ փոփոխութիւններով ընդլայնուեցան խորհրդարանի լիազօրութիւնները: Ընդդիմութեան կոչով հասարակութեան մեծ մասը պոյքոթի ենթարկեց Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, սակայն պաշտօնապէս հանրաքուէն համարուեցաւ կայացած եւ այդ փոփոխութիւնները ընդունուեցան: Հայաստանի Սահմանադրութեամբ` Հայաստանը կիսանախագահական կառավարումով երկիր է: «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքով` 2001 Յուլիս 24ի որոշումով Յուլիս 5ը կը նշուի իբրեւ Սահմանադրութեան օր եւ յայտարարուած է ոչ աշխատանքային:
ՀՀ ՆԱխԱգԱՀ ՍԵրժ ՍԱրգՍԵԱՆ շՆորՀԱւորԱԿԱՆ ուղԵրձ ՍԱՀՄԱՆԱԴրուԹԵԱՆ օրուԱՆ ԱռիԹով
«Սիրելի՛ հայրենակիցնէր, շնորհաւորում եմ ձեզ Սահմանադրութեան օրուայ կապակցութեամբ: Յուլիսի 5ն իսկապէս պատմական օր է մեզ համար: Այդ օրը մեր ժողովուրդը կատարեց իր պատմական ընտրութիւնը: Բայց նաեւ պարզ էր բոլորի համար, որ հանրաքուէով մէկ օրում ժողովրդավարական, սոցիալական ու իրաւական պետութիւն չեն դառնում: Դա երկար ճանապարհ է եւ լուրջ գործընթաց: Մեր երկրի Հիմնական օրէնքը կոչուած է երաշխաւորելու մեր քաղաքացիների իրաւունքներն ու ազատութիւնները: Մենք, որպէս պետութիւն եւ որպէս հասարակութիւն, քայլ առ քայլ կեանքի ենք կոչում այն մեծ նպատակը, որ արտայայտուած է մեր Սահմանադրութեան մէջ: «Սիրելի՛ հայրենակիցնէր, Կրկին շնորհաւորելով պետական այս կարեւոր տօնի առթիւ` ցանկանում եմ բոլորիս օր օրի ամրացող պետութիւն, մարդու իրաւունքների ու ազատութիւնների պաշտպանութեան հետեւողական երաշխաւորում եւ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի իրացում հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներում»:
Հակասութիւններ եւ ներքին-արտաքին առնչութիւններ
նէն եւ մանաւանդ նախընթաց օրինակներէն: Պարզապէս, այս անգամւան հրապարակւած ծաւալներն են, որոնք կը ցուցադրուին, ռազմական շըքերթներ կը կազմակերպուին եւ Ալիեւը իր յոխորտանքներուն եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեան նոր թափ կու տայ, ընդհուպ մինչեւ իր բանակին հրահանգելով Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ պատերազմի նախապատրաստուիլ: Զուգահեռ, Երեւանը օդուժի վարժողական ծրագիրներ կը ցուցադրէ, որուն ուղերձը պատերազմին պատրաստ եւ համարժէք պատասխանելու կարողականութեան փաստն է, որուն հետ հաշուի պէտք է նստի Ազրպէյճան` արկածախնդրական որեւէ քայլի դիմելէ առաջ: Ալիեւեան յոխորտանքները կրնան դիտարկուիլ ներազրպէյճանական սպառումի տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ, յատկապէս նախընտրական արշաւի շարժառիթներով: խնդիրը սակայն այլ մեկնաբանութեան կ՛են-
թարկուի: Եռանախագահները ոչ շատ առաջ ցաւ ու ափսոսանք յայտնելէ ետք, որ արցախեան հարցի լուծումը անվերջ կը ձգձգուի, վերընդգծած էին համաձայնեցուած երեք սկըզբունքները.- տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի եւ ուժի կիրարկման բացառման: Պարզ է, որ այս երեք ըսկզբունքները ամբողջական հասկացողութիւն կ՛ենթադրեն եւ որեւէ մէկը անջատ տրամաբանութեան մէջ չընկալուիր եւ չի գերադասուիր, հակառակ անոր որ առաջնահերթութեան կարգը որոշ ուղերձ կը փոխանցէ: ուրեմն, Ալիեւի կողմէ նախապատերազմական իրավիճակի խաբկանք ստեղծելը ուղղակի կը հակադրուի երրորդ սկզբունքին: Եւ եթէ ռուսական զինուժը կ՛օգտագործուի այս յոխորտանքներուն թափ տալուն կամ թէական պատերազմի (Þ³ñ.Á ¿ç II)
«ԱԶԴԱԿ»
ARMENIA
II
Ødzó»³É ܳѳݷݻñ
Համբիկ Սասունեանի ներման դիմումը մերժուեցաւ
Æñ³õ³µ³ÝÝ»ñáõ гٳѳÛÏ³Ï³Ý ´. гٳÅáÕáí ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական Հարցերու
գրասենեակի պատասխանատու կիրօ Մանոյեան
«Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի իրաւունքների ու Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման իրաւական թղթածրարը»
գ
ալիֆորնիոյ բանտարկեալներու ներման դիմումները քննող յանձնաժողովը, Յուլիս 4ին մերժեց Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս քեմալ Արըքանի ըսպանութեան մեղադրանքով դատապարտուած Համբիկ Սասունեանի ներման դիմումը: Երեք տարի առաջ նոյնանըման դիմում մը յանձնաժողովը նոյնպէս մերժած էր։ Այս տարւան Յունուար 1ին, Միացեալ Նահանգներու Սէն Լուիս օպիսպօ բանտին մէջ Համբիկ Սասունեան նշեց ծննդեան իր 50ամեակը։ Համբիկ Սասունեան ծնած է 1963ին, Պէյրութ։ Պուրճ Համուտ հայկական թաղամասին մէջ հասակ առած 19ամեայ՝ Համբիկ Սասունեանը 1982ի Յունուար 28ին՝ Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսին ահաբեկելու մեղադրանքով ձերբակալուած եւ դատապարտուած է ցմահ ազատազրկման։ 31 տարի շարունակ գալիֆորնիոյ նահանգի Սէն Լուիս օպիսպօ բանտին մէջ ան կը շարունակէ ապրիլ Հայաստանով ու Արցախով, իր ժողովուրդի ուրախութիւններով եւ ցաւերով։ Համբիկ Սասունեան ներման նոր դիմում մը կրնայ գրել երեք տարի ետք։
Ð᷻ѳݷÇëï ÎÇñ³ÏÇ, 14 ÚáõÉÇë 2013ÇÝ, Û³õ³ñï êáõñµ ä³ï³ñ³·Ç, Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿ç, Ù»ñ ëÇñ»ÉÇ Ùûñ, Ù»Í Ùûñ »õ ùñáçª
àÕµ. ìÆðÊÆÜƲ ØÊƲðº²Ü-غðøàôðÆú-Ç
Ù³Ñáõ³Ý ². ï³ñ»ÉÇóÇÝ ³éÇÃáí£ Ü»ñϳÛë ÏÁ ͳÝáõó³Ý»Ýù Ç ·ÇïáõÃÇõÝ Ù»ñ ³½·³Ï³ÝÝ»ñáõÝ »õ µ³ñ»Ï³ÙÝ»ñáõÝ£
¼³õ³ÏÝ»ñÁª ²ïñdzÝ, ²Ýïñ¿³ »õ Üáñ³ ÂáéÝÇÏÁª Êáõ³Ý سÝáõ¿É øáÛñÁª ²Ý³ÑÇï ÀÝï³Ý»Ï³Ý µáÉáñ å³ñ³·³Ý»ñÁ
Ð᷻ѳݷÇëï ÎÇñ³ÏÇ, 14 ÚáõÉÇë 2013ÇÝ, Û³õ³ñï êáõñµ ä³ï³ñ³·Ç, Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿çª
ØÊƲðº²Ü, Ⱥôàܺ²Ü, ä²Ôî²ê²ðº²Ü, ¾ØÆðº²Ü, غðøàôðÆú »õ êø²êÆಠÁÝï³ÝÇùÝ»ñáõ
ÝÝç»ó»³ÉÝ»ñáõ ÛÇß³ï³ÏÇÝ£ Ü»ñϳÛë ÏÁ ͳÝáõó³Ý»Ýù Ç ·ÇïáõÃÇõÝ Ù»ñ ³½·³Ï³ÝÝ»ñáõÝ »õ µ³ñ»Ï³ÙÝ»ñáõÝ£
²Ý³ÑÇï ØËÇóñ»³Ý-È»õáÝ»³Ý
Ð᷻ѳݷÇëï ÎÇñ³ÏÇ, 14 ÚáõÉÇë 2013ÇÝ, Û³õ³ñï êáõñµ ä³ï³ñ³·Ç, Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿ç, Ù»ñ ëÇñ»ÉÇ Ùûñ, ùñáç »õ Ùûñ³ùñáçª
àÕµ. èàê² ØÊƲðº²Ü-êø²êÆà²-Ç
Ù³Ñáõ³Ý ÛÇß³ï³ÏÇÝ£ Ü»ñϳÛë ÏÁ ͳÝáõó³Ý»Ýù Ç ·ÇïáõÃÇõÝ Ù»ñ ³½·³Ï³ÝÝ»ñáõÝ »õ µ³ñ»Ï³ÙÝ»ñáõÝ£
¸áõëïñÁª êÇÉídz øáÛñÁª ²Ý³ÑÇï øñáçáñ¹ÇÝ»ñÁ ÀÝï³Ý»Ï³Ý µáÉáñ å³ñ³·³Ý»ñÁ
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 11 ÚáõÉÇë 2013
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու կիրօ Մանոյեանի արտասանած խօսքը Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն «Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով Իրաւաբաններու համահայկական երկրորդ համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 5-6 յուլիսին Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ, Երեւան:
Ը
նդհանրապէս հայ ժողովուրդ-Թուրքիա եւ յատկապէս` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պէտք է ունենան նաեւ իրաւական հենք: օսմանցիների կողմից Հայկական Բարձրաւանդակ ներխուժումից ի վեր, հայ-օսմանա-թուրքական յարաբերութիւնները պարբերաբար եւ այն էլ` սահմանափակ շրջանակներում ունեցել են իրաւական ինչ-որ հենք: Այսօր, երբ արդէն հարեւաններ են Թուրքիայի Հանրապետութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անհրաժեշտ է նաեւ իրաւական տեսանկիւնից նայել երկու պետութիւնների յարաբերութիւններին, ինչը կարող է լրացուել հայ ժողովուրդ-Թուրքիա յարաբերութիւնների իրաւական հենքի ամբողջացմամբ: վերջին տարիների իրադարձութիւնները, սկսած միջազգային ապահովագրական ընկերութիւնների դէմ` այդ ընկերութիւնների յաճախորդ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի իրաւաժառանգորդների կողմից դատական հայցերից մինչեւ 2009թ. Հոկտեմբերի 10ին ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները ցոյց տուեցին, թէ ինչքան շփոթ, անտեղեակութիւն եւ տարակարծութիւն կայ մեր մէջ, Թուրքիայից մեր` Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի իրաւունքների եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման իրաւական հարցերի շուրջ: Հետեւաբար, այդ բոլորը վերահաստատեցին, թէ ինչքան անելիք ունենք` որպէսզի պատրաստենք
Հակասութիւններ... (Þ³ñ. ¿ç I-Ç)
նախապատրաստութեան, ռուսական կողմը ինքնահակասական ընթացքի մէջ է պարզապէս: խորապէս մտահոգիչ է ռուսիա-Ազրպէյճան զէնքերու վաճառքին տարողութիւնը: Այս մտահոգութեան բարձրաձայնման զուգահեռ սակայն, հայկական քաղաքական եւ լրագրական դաշտը կրնար ընդգը-
«Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի իրաւունքների ու Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման իրաւական թղթածրարը»: Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը պէտք է առիթ լինի հայոց իրաւունքների սահմանման եւ ձեռքբերման ուղղութեամբ նոր փուլ սկսելուն: Մինչեւ 2015թ. պէտք է իրականացուի Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման եւ հայ ժողովրդի ու Հայաստանի իրաւունքների ձեռքբերման հարցով միջազգային իրաւունքի եւ նորմերին համաձայն թղթածրարի պատրաստութիւնը, եւ պէտք է քայլեր ձեռնարկուեն` մի կողմից սատարելու ներազգային ճակատում այդ թղթածրարի շուրջ տեսակէտների բիւրեղացմանը, միւս կողմից` Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքների վերացման շուրջ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորմանը, որպէս նախապատրաստութիւն կոնկրետ քայլերի: Ահա այս տեսանկիւնից պէտք է ընկալել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի 2013թ. Ապրիլի 24ի համատեղ յայտարարութիւնը, որով, մասնաւորաբար, Թուրքիայից պահանջւում է վերադարձնել բռնագրաւուած հայկական եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցապատկան կալուածներն ու հոգեւորմշակութային արժէքները: Անհրաժեշտ է ողջունել այս նախաձեռնութիւնը որպէս հատուցման գծով մէկ մասնակի, բայց կարեւոր քայլ եւ աջակցել, որ այն հասնի իր նպատակին: ծել վերը նշուած եւ այլ կարեւոր հակասութիւններ: Պաքուն ունի ստանալիք այլ ուղերձ մը եւս. եթէ յստակ է, որ երեք սկըզբունքները մէկ ամբողջական հասկացողութեան զամբիւղի մէջ պէտք է ընկալել, ուրեմն ուժի կիրարկման բացառումը մերժելով Պաքուն մերժած կ՛ըլլայ նաեւ իր կողմէ շատ փայփայուած տարածքային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքը:
Այս ուղղութեամբ, քաղաքական կարեւոր քայլ էր Միացեալ Նահանգների Ներկայացուցիչների պալատի 2011 թ. Դեկտեմբերի 13ի (թիւ 306) բանաձեւը, որը Թուրքիային կոչ է անում քրիստոնէական, ներառեալ` հայկական բոլոր եկեղեցիները, եկեղեցական կալուածներն ու ունեցուածքները վերադարձնել իրենց պատմական իրաւատէրերին: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 2007թ.ից այդ նպատակով կատարել է մի շարք նախաձեռնութիւններ, որոնց մի մասի նախնական արդիւնքները հրապարակուել են 2010թ. Հոկտեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներին: 2007թ. Դեկտեմբեր ամսին ձեւաւորւել է Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման ուսումնասիրման խումբը, որի լրամշակւած եւ ամբողջական զեկոյցը կը հրապարակուի շուտով: Մասնագիտական բազմակողմանի, ներառեալ` իրաւական, այդ ուսումնասիրութիւնը կը հրապարակուի քննարկուելու համար թէ՛ մասնագէտների եւ թէ՛ ընդհանրապէս հասարակութեան կողմից: Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման ուսումնասիրման խմբի զեկոյցը սկսւում է Հայոց Ցեղասպանութեան խիստ համառօտ նկարագրութեամբ: Դրան յաջորդում են. - Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայերին հասցուած վընասների սխեմատիկ նկարագրութիւնը. - Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման հարցի իրաւական վերլուծութիւնը` հիմնուած միջազգային իրաւունքի օրինադրութեան, սկզբունքների եւ նախընթացների վրայ. Նիւթական հատուցման վերաբերուող յետ-Ցեղասպանութեան պայմանագրերի պատմութեան եւ առնչուող համաձայնագրերի եւ գործիքների վերլուծութիւնը. - Փիլիսոփայական քննարկումը հատուցման բարոյական հարցերին, ներառեալ` որոշ առարկութիւնների պատասխաններ.
(Þ³ñ. 1)
ARMENIA
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 11 ÚáõÉÇë 2013
²ÏݳñÏ
Հայկական Հարցը 2015-ի սեմին
Հ
այկական Հարց գոյութիւն ունէր 19րդ դարուն: որպէս այդպիսին ան գոյութիւն ունի այսօր՝ նոյնիսկ եթէ կը թուի թէ ձեւ եւ բովանդակութիւն փոխած է, եւ մենք, հայերս ալ, միշտ ալ նոյն ձեւով չենք տեսներ զայն: Մասնակի նախաձեռնութիւններու հետեւանքով, անոր բովանդակութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է ժամանակի եւ պատմութեան հոլովոյթի բերումով: Պարզապէս, այս մասին երբ կը գրենք եւ կը խօսինք, նոյն բանը չենք ըսեր եւ չենք հասկնար: 2015ի ծրագրումներու սեմին, ազգային եւ քաղաքական պատասխանատուութեամբ, այդ բովանդակութիւնը անհրաժեշտ է յստակացնել եւ արդիականացնել, անկէ հեռացնելով այն ամէնը որ ազգային իրաւ խորք չունի եւ զուրկ է ապագայատեսութենէ, հեռանկարով չ՚առաջնորդուիր: Պատահարները, ինչ ալ ըլլայ անոնց տարողութիւնը, չեն փոխարիներ Հայկական հարցը, որ ծնունդ առաւ այն ատեն, երբ օսմանեան կայսրութեան ժողովուրդները սկսան ձգտիլ իրենց ինքնուրոյնութեան, ուզեցին անջատուիլ: Անոնց շարքին՝ նաեւ օսմանեան հպատակ հայերը: Այսինքն, Հայկական Հարցը սկսաւ երբ հայերը կրօնական համայնք ըլլալէ անդին, ուզեցին դառնալ ազգային միաւոր, որ անմիջականօրէն կ՚ենթադրէր հայոց հայրենիքի անջատումը կայսրութենէն: Այս շարժումը յաջողութեամբ պսակւեցաւ Պալքանեան երկիրներու պարագային, արաբներու, քիւրտերու եւ հայերու հարցերը սպասեցին մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտը: Արաբական աշխարհը յաջողեցաւ դուրս գալ թրքական կայսերական տարածքէն, «Սեւրի դաշնագրի» տրամադրութիւններու գործադրութեամբ: Ծնունդ առին «հոգատարութեան» ենթակայ արաբական երկիրները, որոնք հետագային անկախացան: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ ճանաչում գտաւ, որոշուեցաւ, ըստ նոյն Սեւրի դաշնագրի տրամադրութեանց, սահմանային ճշդում կատարել, եւ այդ որոշումը իրագործելու պարտականութիւնը տրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ գծեց սահմանները: Միացեալ Նահանգներու
նախագահի գծած սահմանները վճիռի գործադրութիւն էին: վիճելի խնդիր չէին: Ստորագրող պետութիւններուն այս յիշեցումը ընել յաճախ կը մոռնանք, մենք մեզ տեւաբար բանտարկելով ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին մէջ, որ բարոյական-քարոզչական է, քաղաքական չէ: Հայկական Հարցը էապէս քաղաքական է, կը վերաբերի հայրենիքի եւ անոր վրայ ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքի: 2015ի ծրագրումներու եւ նախաձեռնութիւններու առանցքը պէտք է կազմէ այսպէս ըմբռնուած Հայկական հարցը, այլապէս հարիւրամեակէն առաջ եւ վերջ, նոյն թութակաբանութիւնները պիտի շարունակուին: Այս անշրջանցելի եւ անսակարկելի իրաւունք է, եւ չի շփոթուիր անորոշ բովանդակութեամբ հատուցումներու պահանջի հետ: ժողովուրդի մը իրաւունքը նիւթական հատուցումով չի սրբագրուիր: Նման հատուցում ընդունիլ նպարավաճառային հոգեբանութեամբ քաղաքականութիւն խաղցողներու դաւաճանութիւնը կ՚ըլլայ, բռնագրաււած հայրենիքի ազատագրութեան նկատմամբ: Ազգային իրաւ քաղաքականութեան անմիջական խնդիրն է նաեւ մշակութասպանութիւնը, որ ազգի հայրենահանուած մասի անհետացումն է, որ կը շարունակուի եւ աւեր կը գործէ մէկ դարէ ի վեր: Այսինքն, հայրենահանուածներուն կը մերժուի իրենց ինքնութեամբ ապրելու իրաւունքը, եւ այս ոճիրին մասնակից եւ մեղսակից է միջազգային համայնքը, ի հարկէ Թուրքիան, բայց նաեւ անոնք որոնք ստեղծած են պայմանները այս մահացման, այսինքն Սեւրի դաշնագրի գործադրութենէն խուսափած երկիրները. Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Անգլիա, իտալիա, եւ ուրիշներ: Դար մը առաջ կատարուած ոճիրի զոհերուն թուական գնահատումը եղած է. 1.500.000: Ընթացքի մէջ եղող մշակութասպանութեան հետեւանքով անհետացող հայերու գնահատումը չենք ըներ, մեր համրանքին հանում-գումարումին մէջ, կորուստը չենք աւելցներ 1.500.000ին վրայ: 2015ի ծրագրումները այս յստակ խօսքով պէտք է որ ներկայանան, որպէսզի լիցք ունե-
նան մեր պահանջները եւ դառնան նպաստ ազգային ապագայի կերտման: 2015ը ոչ միայն ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է, այլ նաեւ մեր հայրենահանման, մեծ ոճիր մը՝ զոր չենք ներկայացներ քաղաքական բեմի վըրայ որպէս այդպիսին: Նաեւ սկիզբը հայկական զանգուածներու դէմ կրաւորականութեամբ գործադրուող մշակութասպանութեան: Մենք չենք սիրեր թիւերու լեզուն: Բայց կը տեսնենք, եթէ կամաւոր կուրութենէ չենք տառապիր, որ ամէն օր կը նըւազին հայերէն խօսողները եւ գրողները, գրականութեան զարգացումը կը մտնէ փակուղի, ինքնութեան պահպանման համար անհրաժեշտ պատմութեան գիտակցութիւնը կը սահմանափակուի կարգախօսային աղմուկի մէջ, համայնքներու ջղային դրութեան մաս կազմող թերթերը կը նուազին, կը նուազի անոնց տպաքանակը, ընթերցողները կը չքանան: Հետեւաբար, ժողովուրդի մէկ հատւածը կը շիջի աստիճանաբար, առանց հուրի եւ սուրի: ՄԱԿի ցեղասպանութեան սահմանումը եթէ կարդանք, առանց կանգ առնելու միայն ցեղասպանութիւն բառին վրայ, հոն պիտի գտնենք մշակութասպանութիւնը: Այս երեւոյթը կարծէք չ՚անհանգստացներ միջազգային համայնքը, չ՚անհանգստացներ այլեւս նաեւ սփիւռք(ներ)ի հետզհետէ աւելի տիրական դարձող համայնքները: 2015ը պիտի ըլլա՞յ դարձակէտ մեզ այս վիճակներուն դատապարտող արտաքին եւ ներքին թշնամիներու դէմ պայքարի: Պիտի խօսի՞նք առանց սպիտակ ձեռնոց դնելու, թէ՞ պիտի շարունակենք զանազան ճանաչումներու մեր կորաքամակ պարը: Միթէ՞ «բաներ» փաստելու կարիք կայ, ի՞նչ չեն գիտեր եւ չենք գիտեր: Հայկական Հարցը թուղթ եւ աղմուկ չէ: Հայկական Հարցը ոչ ակադեմական խընդիր է, ոչ ճառախօսական, ոչ ալ բարոյակրօնական: Հայկական Հարցը էապէս իրաւունքի միջազգային քաղաքական խնդիր է, եւ ըստ այնմ պէտք դիմել անոր լուծման, զայն դարձնել Դատ: Առանց քնացնող կարգախօսներու եւ ամբոխ զուարճացնող օր մը կամ քանի ժամ տեւող երգ-թմբուկի show-երու: Յ. ՊԱԼԵԱՆ
III
î»ë³Ï¿ï
Ազգային Ընդհանուր ժողովի յայտարարութիւնը եւ պահանջատիրութեան թակարդը
Պ
աշտօնական ժողովներու աշխատանքներու աւարտին, սովորութիւն դարձած է հրատարակութեան տալ յայտարարութիւններ, որոնցմով կը ներկայացուին հետագայի հաշւոյն մշակուած ծրագիր(ներ)ի նախագիծը կամ որդեգրուած սկզբունքներուն խտացումը: Այդօրինակ յայտարարութիւնները ընթերցող հանրութիւնը լուսաբանելու նպատակին հետ ՝ ենթակայ մարմիններուն, վարչական կառոյցներուն եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն համար կը հանդիսանան առաջիկայի գործունէութեան ուղեցոյցը: Արդեօք այդ մարմիններն ու վարչութիւնները նկատի կ’առնե՞ն տրուած ցուցմունքը եւ համապատասխանաբար աշխատանքի յայտագիր կը պատրաստե՞ն թէ ոչ, խնդիր չի դրուիր հոս եւ ներկայ գրութեան նիւթն ալ այդ չէ արդէն: խնդիր է սակայն, եւ յաւելեալ լուսաբանութեան կարիքը զգացւի թերեւս, ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին ու այդ առիթով Կիլիկիոյ Կաթղ.եան Ազգային Ընդհանուր ժողովին կողմէ մամուլին յանձնուած յայտարարութիւնը, որուն թիւ 5 պարբերութեան մէջ կը կարդանք. «...Միանգամայն մեր սպասումն է, որ Հայաստանը ու Սփիւռքը իր մէջ ներառող ու Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հովանաւորութիւնը վայելող այս (100ամեակի պետական) Յանձնաժողովը սոսկ ձեռնարկները «համակարգող» մարմին չդառնայ, այլ՝ որոշակի ու յստակ որոշումներ առնէ՝ յատկապէս մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող...»: Մարտահրաւէրի շեշտով ու դրուածքով 100ամեակի Պետական Յանձնաժողովէն այս «սպասումը» ակընկալելի էր ու տրամաբանական այն պատճառով, որ հակառակ նշանակումէն երկու տարի անցած ըլլալուն եւ հակառակ ժողովական նիստեր գումարած ըլլալու արձագանգումներուն, նոյնիսկ իբրեւ «համակարգող» մարմին իր ներկայութիւնը զգալի չդարձուց ան: Հանրութիւնը չէ իրազեկուած տակաւին թէ 100աեակի Յանձնաժողովը ինչ կը մտածէ, ինչ կ’ընէ, համահայկական տարածքով համադրելի աշխատանքներու ձեռնարկա՞ծ է թէ ոչ: Եթէ նոյնիսկ ծրագիրները «գաղտնի» պահելու խնդիր մը կայ, կ’ակընկալուէր որ գէթ 100ամեակի սկըզբունքային հետամտութիւնը յստակացուէր եւ անիկա հրապարակւէր կամ յղուէր գաղութներու մէջ կազմուած ենթայանձնաժողովներուն ՝ իբրեւ տնօրինուած ուղղուածութիւն: Տարբեր օրերու մէջ եւ տարբեր պարագաներու տակ, առնուազն տարօրինակ պիտի թուէր Ազգային Ընդհ. ժողովի «Սպասումը» այն մասին, որ Յանձնաժողովը «Մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող» մարմին դառնայ: Մենք պիտի չզարմանանք, եթէ «մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող» մարմին չկամենայ դառնալ ՀՀի նախագահին հովանաւորութեամբ գործող Յանձնաժողովը, քանի որ ՀայաստանԹուրքիա ամօթալի արձանագրութիւններու թակարդին ճնշիչ ստուերը եւ... «պետական մտահոգութիւնները» կը կաշկանդեն պրն. Սերժ Սարգսեանի գործելու ազատութիւնը : Պահանջատիրութիւնը կը հակադրուի արձանագրութիւններուն եւ փոխադարձաբար՝ արձանագրութիւնները մերժումն իսկ են պահանջատիրական տրամաբանութեան: խնդիր է տակաւին, որ 100ամեակի սեմին, պահանջատիրութեան հանգրուանը եկած համարելով հանդերձ, «ի՞նչ է ձեր պահանջածը» պարզ հարցումին պատասխանը չենք յստակացուցած: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի այնպիսի պատասխանի, որու շուրջ համազգային նուազագոյն համախոհութիւն մը գոյացած ըլլայ : Զգո՜յշ: Անորոշ իմացումով պահանջատիրութիւնը կրնայ թակարդ մը դառնալ մեզի համար, այնքան ատեն, որ չի յստակացուիր, թէ ինչ կը պահանջուի: Այնքան ատեն, որ ի զօրու կը մնան տխրահռչակ արձանագրութիւնները, անհաւանական չէ, որ չյստակացւած «պահանջատիրութեան» տրուի նիւթական ու բարոյական հատուցումի մը բովանդակութիւնը միայն: ՄիՀրԱՆ քիւրՏօղԼԵԱՆ
Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar
4812-4993 www.hotelwilton.com.ar
ARMENIA
IV
î»ë³Ï¿ï
«ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Թուրքիոյ մէջ հայկական պատմական յուշարձաններուն»
Ն
Հարցում մը որ հինէն ի վեր կը տանջէ շատերու միտքը
որ չէ որ կ’ուղղուի այս հարցումը. հինէն ի վեր մենք մեզի եւ մենք իրարու հարցուցած ենք թէ իսկապէս ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին վրայ մնացած հայկական յուշարձաններուն: Հարցումը միշտ նոյնը եղած է, բայց պատասխանը միշտ ալ փոխուած է ժամանակի զարգացումներուն հետ զուգահեռ կերպով: Երբեմն տեսած ենք, որ հարցումին պատասխանը յուսահատական է, թէ բոլոր յուշարձանները մէկ առ մէկ կը քանդուին եւ անոնց տեղ նոր շէնքեր կը կառուցուին, պատմութիւնը կը թաղուի նոր շէնքերու փառքին տակ, երբեմն ալ, ընդհակառակը, յուսադրուած ենք, տեսնելով որ հիմա նոր շարժում մը սկսած է, ոմանք սկսած են անդրադառնալ հայկական պատմական յուշարձաններու արժէքին, որոշած են զանոնք փրկել ու վերանորոգել, զանոնք բանալ զբօսաշրջութեան: Այսօր իսկ կացութիւնը մէկուն եւ միւսին խառնուրդն է, Թուրքիոյ որոշ տարածքներուն վրայ այսօր քանի մը հայկական հին եկեղեցիներ կը վերանորոգուին մինչ անդին բազմաթիւ հայկական յուշարձաններ կը քանդուին: Եթէ Աղթամարի նորոգութիւնը բարի ներշնչում եղաւ ոմանք, հոս-հոն քանդուած ուրիշ յուշարձաններ ալ գրգռեցին պատմութիւնը թաղել ու անոր տեղ նոր պատմութիւն հռչակել ուզողներու ախորժակը: Տակաւին երկու օր առաջ յայտնի մտաւորական ռակըպ Զարաքօլու կոչ ըրաւ որպէսզի վերջ տրուի Մուշի մէջ հին հայկական տուները փլցնելու նոր գործընթացին: Արդարեւ Մշոյ քաղաքապետը, որ Ա-գէ-ՓԷ-ցի է, կը փլցնէ եղեր Մշոյ հին հայկական տուները որպէսզի անոնց տեղ կառուցանէ Թօքիի շէնքեր: Զարաքօլու զգուշութեան կը հրաւիրէ տեղացի ժողովուրդը, անոնց ըսելով. «Այսօր հայկական տուները եթէ քանդուին, վաղն ալ քիւրտերու տուները պիտի քանդուին»: Կրնանք հարցնել: Այսպիսի քանդումի քաղաքականութիւն մը որքա՞ն հեշտ է Աղթամարը նորոգութեան ենթարկող, անիրաւօրէն բռնագրաւուած փոքրամասնական կալուածները վերադարձնող կառավարութեան մը քաղաքականութեան: ուրեմն, կրկնենք, հարցումը նոյնն է: ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ հայկական պատմական այն յուշարձաններուն, որոնք հազարաւորներու մէջէն տակաւին կրցեր են մնալ, հոգ չէ թէ կիսաւեր վիճակով: Ներսէն բարեացակամ մարդիկ կը պահանջեն որ պահպանւին այդ հնութիւնները: Դուրսէն ալ հայ կամ օտար մտաւորականներ Թուրքիոյ կը յիշեցնեն թէ պէ՛տք է պահպանուին այդ հնութիւնները: ոմանք կակուղ ոճով կը թելադրեն, ուրիշներ խիստ կը խօսին: Այս կարգէն, երկու օր առաջ նմանօրինակ խիստ ազդարարութիւն ուղղեց Հայաստանցի մտաւորական ռուբէն Սաֆրաստեան, (որուն հարցազրոյցը թարգմանաբար լոյս տեսած է թերթին մէջ): Մաղթենք որ Թուրքիոյ մէջ աւելի մեծ թիւով մարդիկ անդրադառնան թէ պատմական հնութիւնները գանձեր են ամէն երկրի համար եւ անոնք պէտք է պահպանուին ամէն գնով: «ՄԱրՄԱրԱ»
3-4 Յուլիս 1926
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 11 ÚáõÉÇë 2013
ä³ïٳϳÝ
իզմիրի մէջ կախաղան հանուեցան Աթաթուրքի դէմ մահափորձին պատասխանատուները
1
926ի Յուլիսեան այս օրերուն, որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 4 Յուլիսին, իզմիրի մէջ, քաղաքի տարբեր հրապարակներուն վրայ միաժամանակ կախաղան հանուեցան 13 թուրք քաղաքականպետական գործիչներ, որոնք պատասխանատու հռչակուած էին քեմալ Աթաթուրքի դէմ կազմակերպուած մահափորձի մը։ Յուշատետրը իր լուսարձակը կը կեդրոնացնէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ծննդոցին ու կազմաւորման ախտանշական այս արատին վրայ, որովհետեւ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող թուրք պետական բռնիշխանութեան արմատները թաղուած են 4 Յուլիս 1926ի 13 կախաղաններով դրսեւորւած քաղաքական մոլեռանդութեան անբուժելի հիւանդութեան մէջ։ Թրքական հնաւանդ այդ անհանդուրժողականութեան նորագոյն դրսեւորումն է վարչապետ Էրտօղանի ձեռնարկած վարկաբեկումի արշաւը նոյնինքն Աթաթուրքի եւ ընդհանրապէս քեմալականութեան դէմ։ Աթաթուրք այսօր իր իսկ հիմնած Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական ղեկավարութեան բարձրագոյն դիրքէն կ’ամբաստանուի իբրեւ իր ընդդիմախօսները բրտօրէն «մաքրագործած», քաղաքական իսլամի օրէնքները չարաչար ոտնակոխած, հայեր ու քիւրտեր, յոյներ ու ասորիներ զանգըւածային սպանդի ենթարկելու պետական յանցագործութեանց գլխաւոր պատասխանատու… Աթաթուրքի դէմ ուղղուած այսօրինակ ամբաստանութեանց շարքը շատ երկար է եւ տեղը չէ անոնց սպառիչ ցուցակը կազմելու։ Կարեւորը այն է, որ նոյնինքըն վարչապետ Էրտօղանի այժմու կառավարութիւնը, ահա 13 տարիէ ի վեր, քեմալականութեան դէմ իր ծաւալած վարկազրկման պայքարին մէջ, իր կարգին չի վարանիր դիմելու ամէնէն խստագոյն եւ բռնիշխանական քայլերուն, ի հարկին արեան մէջ խեղդելով բողոքի ձայնը իր սեփական ընդդիմախօսներուն։ ինչ որ պատահեցաւ 1926ի Յուլիսեան այս օրերուն, երբ իզմիրի հրապարակներուն վըրայ միաժամանակ կախաղան հանուեցան Մուսթաֆա քեմալի մենատիրութեան ընդդիմացող պետական-քաղաքական 13 գործիչներ, մեծապէս ուսանելի է այսօրուան Թուրքիոյ ներքին գալարումները հասկընալու իմաստով։
Ծանօթ է, որ Առաջին Աշխարհամարտէն անփառունակ պարտութեամբ դուրս եկած օսմանեան Կայսրութեան մէջ, իթթիհատական իշխանութեան ղեկավար դէմքերուն երկրէն փախուստին զուգահեռաբար՝ թրքական կազմալոյծ բանակի երիտասարդ սպաներէն Մուսթաֆա քեմալ ձեռնարկեց Անկախութեան Պատերազմի։ օսմանեան Կայսրութիւնն ու անոր հիմքը կազմող իսլամական պետութիւնը քեմալի կողմէ հռչակուեցան թուրք ազգայինպետական մշակոյթին այլասերած դրսեւորումները։ իր հետեւորդներով եւ ատենի եւրոպական մեծ պետութեանց թաքուն թէ բացայայտ խրախուսանքով, այլեւ ու մանաւանդ ռուսաստանի մէջ նորահաստատ պոլշեւիկ ղեկավարութեան հետ ուղղակի եւ ամբողջական գործակցութեամբ, Մուսթաֆա քեմալ Աթաթուրք ռազմական փայլուն յաղթանակներ տարաւ եւ ոչ-թուրք բնակչութեան ազգային արդար ձգտումները արեան մէջ խեղդելով՝ զինու զօրութեան գծեց Թուրքիոյ այսպէս կոչուած «բնական սահմանները»։ Անկախութեան Պատերազմը քեմալ յաղթանակով պսակեց եւ արժանացաւ «Կազի» (ազատարար, յաղթանակած) տիտղոսին։ Զինուորական իր յաջողութիւններուն չափ եւ նոյնիսկ աւելի փայլուն եղան քեմալի նուաճումները արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ։ Յաջողապէս թիավարեց յաղթական Դաշնակիցներուն եւ նոր բարձրացող խորհրդային կայսերապետութեան իրերամերժ ալիքներուն միջեւ, բոլոր կողմերէն առաւելագոյնս օգտուեցաւ եւ այդ ամէնը ծառայեցուց նոյնինքն թուրք հասարակութեան մէջ քաղաքական իր իշխանութեան դիրքերու ամրապնդումին։ Եւ երբ 1923ի Յուլիսին ստորագրուեցաւ Լօզանի ամօթալի Դաշնագիրը եւ անփառունակ պարտութիւն կրած թրքական պետութիւնը վերջնականապէս ոտքի կանգնեցաւ Հոկտեմբեր 1923ին իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն՝ Մուսթաֆա քեմալ իր «կազի» տիտղոսին վրայ աւելցուց նաեւ Աթաթուրք (Թուրքիոյ Հայր) անունը։ Աթաթուրք իր զինուորական եւ քաղաքական յառաջխաղացքին ամբողջ տեւողութեան իր կողքին ունեցաւ անվերապահ զինակիցներ, յատկապէս քեազիմ քարապեքիր փաշան (իբրեւ զինուորական իր թեւին առաջնորդը) եւ իս-
մէթ ինէօնիւ փաշան (իբրեւ քաղաքական իր մեծագոյն գործակիցը, նաեւ հետագային Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին ժառանգորդը)։ Բայց Թուրքիան արմատապէս բարեկարգելու իր ներքին քաղաքականութեան իրագործման ընթացքին, քեմալի եւ իր ընկերներու հիմնած Հանրապետական Կուսակցութիւնը ներքին պառակտումի մատնուեցաւ իսլամական պետութենէն՝ սուլթանութենէն եւ խալիֆայութենէն վերջնականապէս հրաժարելու օրակարգով։ քեազիմ քարապեքիր իր հետեւորդներով հիմնեց Հանրապետական Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը, իսկ քեմալ եւ ինէօնիւ իրենց հիմնած մայր կուսակցութիւնը վերանւանեցին Հանրապետական ժողովուրդի Կուսակցութիւն։ քեմալ դժուարութիւններ դիմագրաւեց նաեւ ինէօնիւի թեւէն, որ թունդ դրօշակիրն էր երկրէն ներս միակուսակցական իշխանութեան հաստատումին եւ զինուորական խստութեամբ կառավարումին։ Ահա այդ ներքին պայքարները իրենց գագաթնակէտին յանգեցան 1926ի Յունիսին, երբ արդէն հանրապետութեան նախագահի պաշտօնով Աթաթուրք «հովուապետական» այց մը կը կատարէր իզմիր։ քեմալի սպասարկութիւնները «յայտնագործեցին» հանրապետութեան նախագահին դէմ սարքուած «մեծ դաւադրութիւն» մը, որուն նպատակը իբր քեմալի սպանութիւնն էր։ Այդպէս, տասնեակաւոր քաղաքական ընդդիմադիրներ անմիջապէս ձերբակալւեցան, արագօրէն դատուեցան եւ կախաղան հանուելով մահապատիժի դատապարտըւեցան։ Ամիս մը ետք՝ 4 Յուլիս 1926ին, այդ փութկոտ դատավճիռը գործադրելով, Աթաթուրքի իշխանութիւնները կախաղան բարձրացուցին Հանրապետական Յառաջդիմական Կուսակցութեան 13 պարագլուխներ, որոնք նաեւ նախկին իթթիհատական պետական գործիչներ էին։ Մեծ մասամբ Թուրքիոյ Ազգային ժողովի անդամներ էին անոնք, որոնք իրենց կեանքի գնով վճարեցին Թուրքիոյ Հանրապետութեան միակուսակցական իշխանութեան հաստատման եւ իսլամական գըլխարկ Ֆէսը արեւմտեան ոճի գլխարկով փոխարինելու աթաթուրքեան մեծ խաղին։
ՆԱԶԱրԷԹ ՊԷրՊԷրԵԱՆ