13561 armenio

Page 1

²ÏݳñÏ §²½¹³Ï¦Ç

ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.561 - 9 ÐáÏï»Ùµ»ñ 2014 - лé. (54 11)4775 7595

Ընդդիմադիր ուժերը նափալմի տակառներով յարձակած են Նոր Գիւղի վրայ

гɿå

Ը

նդդիմադիր զինեալ ահաբեկիչները հոկտեմբեր 2ին հալէպի Նոր Գիւղի շրջանը ռմբակոծած են նափալմ նիւթով պատրաստուած տակառներով, որուն պատճառով հրոյ ճարակ դարձած են եօթը բնակարաններ եւ ուրիշներ ալ կրած են մեծ վնասներ։ Այս մասին կը հաղորդէ հալէ պի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան: «Անօթեւան մնացած շրջանի բնակիչներուն օգնութեան հասան Նոր Գիւղի ակումբի տղաքը, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ երկնաբարձ հրդեհը շիջանել եւ ժողովուրդը անվնաս տեղափոխել», կը նշէ Զարմիկ Պօղիկեան։ Նշենք, որ նափալմը դիւրավառ հեղուկ է եւ ՄԱԿը 1980էն

ի վեր անոր գործածութիւնը պատերազմական ոճիր կը համարէ։ հոկտեմբեր 1ին Նոր Գիւղի

շրջանին վրայ արձակուած կազի տակառներուն պատճառով ալ վիրաւորուած էին երկու հայեր:

«Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» նոր օրէնքի սահմանադրականութիւնը վիճարկելու նախաձեռնութիւնը սկսած են հ.Յ.դ. եւ Բարգաւաճ հայաստան կուսակցութեան խմբակցութիւնները: Քառեակի միւս երկու քաղաքական ուժերը` հայ Ազգային

Քոնկրեսը եւ ժառանգութիւնը, նպատակայարմար չէին նկատած այդ հարցով Սահմանադրական դատարան դիմելը, սակայն խոստացած էին աջակցիլ այդ նախաձեռնութեան:

հՅդ-ն եւ Բարգաւաճ հայաստան Կուսակցութիւնը կուտակայինի հարցով դիմեցին Սահմանադրական դատարան

Ա

զգային ժողովի ոչ իշ խանական ուժերը «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» նոր օրէնքի սահմանադրութիւնը վիճարկելու խնդիրով դիմում ներկայացուցած են Սահմանադրա կան դատարան, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին մէջ տեղեկացուցած է Ազգային ժողովի հ.Յ.դ. խըմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» նոր օրէնքը յարակից փոփոխութիւններով սահմանադրութեան հակասելու վերաբերեալ դիմումը ներկայացուեցաւ Սահմանադրա կան դատարան (դիմումը եւ կից փաստաթուղթերը` 500 էջ)», գրած է պատգամաւորը: Արծուիկ Մինասեան հրա պարակած է նաեւ Սահմանա դրական դատարան դիմելու դիմումնագիրը, որմէ կ՛երեւի, որ դիմումին տակ ստորագրած են հ.Յ.դ. եւ Բարգաւաճ հա յաստան կուսակցութեան պատգամաւորները, անկախ պատ գամաւոր Խաչատուր Քոքոպե լեան, ընդհանուր` 33 պատգա մաւոր:

Մարդու իրաւունքներու հարցերով ՄԱԿ-ի Գերագոյն Յանձնակատարը դատապարտած է Տէր Զօրի եկեղեցւոյ պայթեցումը

Մ

արդու իրաւունքներու հարցերով ՄԱԿի գերագոյն յանձնակատարը դատապարտած է «իսլամական պետութիւն» ծայրայեղական խմբաւորման գրոհայիններու կողմէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պայթեցումը: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, յայտարարած է Մարդու իրաւունքներու գծով ՄԱԿի գերագոյն յանձնակատարի խօսնակ Ռուպերթ Քոլուիլը: «Մեզի տեղեկացուցած են, որ «իսլամական պետութիւն»ը Սեպ տեմբերի կէսերուն կարեւոր հայկական եկեղեցի ոչնչացուցած է Սուրիոյ մէջ` Տէր Զօր: Մենք կը դատապարտենք եկեղեցւոյ եւ կրօ նական այլ հաստատութիւններու ոչնչացումը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, որ ատիկա բնորոշ է խմբա(Þ³ñ.Á ¿ç II)

Թրքական փոթորկոտ գարուն` քաղաքական եղանակի կանխատեսումներով

Մ

իջինարեւելեան տարածաշրջանային պատերազմը կտրուկ դիմափոխութիւններու կ՛ենթարկուի: Եթէ Սուրիոյ պարագային բանակ-ազատ բանակ ձեւաչափով էր առաջին փուլը, ապա անիկա վերածուեցաւ ՏԱհԵՇվարչակարգ ընդհարումներու վրայ կեդրոնացած պատերազմի: հիմա արդէն մարտերու թէժ կէտերուն մէջ ներգրաււած են քիւրտերն ու իսլամական պետութեան զինեալները: Անշուշտ որոշ տարբերութիւններով` իրավիճակը ընդհանուր առումով նոյնն է իրաքի պարագային: Այնտեղ եւս իրադարձութիւններուն վրայ բացուած լուսարձակները կը վերաբերին իսլամական պետութեան ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքներուն եւ ինքնավար Քիւրտիստանի սահմաններու պահպանման: իրաք-Սուրիա այս գիծը կ՛ենթարկուի վերիվայրումներու: հասարակաց եզրերը իսլամական պետութեան եւ քրտական ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքներու յստակացման, սահմաններու ճշդման եւ նոր շրջաններու գրաւման կը վերաբերին: Տարբերութիւնը կ՛երեւի նաեւ միջազգային ընտանիքի միջամտութեան տարողութիւններուն: Թէեւ թէ՛ իրաքի եւ թէ՛ մինչ այժմ Սուրիոյ պարագային դաշնակից ուժերու գործողութիւնները կը մնան սահմանափակ եւ այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ սահման չհատելու, կարմիր գիծերը չանցնելու զգուշացումներ են իրականացւածները եւ ոչ թէ իսլամական պետութեան երեւոյթը արմատախլելու: Կրօնական պիտակի տակ այս գործիքը յայտնաբար տակաւին պէտք է աշխարհաքաղաքական ուժերուն, տարածա շրջանին մէջ բաժանարար ծրագիրներ իրականացնելու համար: Քարիւղի հանքերու կէտերը իրադրութիւններու զարգացման, տեղաշարժերու արձանագրութեան եւ տարածքներու վերահսկողութեան համար մղուող պայքարներուն մէջ նշանակալի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն բնականաբար: Թէ՛ իրաքի եւ թէ՛ Սուրիոյ պարագաներուն, ռազմավայրերը այլ բան չեն յուշեր: Քրտական ինքնիշխանութեան սահմաններու նախագծումը պարզ է, որ աշխարհաքաղաքական օրակարգ է: Այս իրողութիւնը ինքնին անհանգստացնող անշրջանցելի նախադրեալ է Անգարային համար, որ յայտնաբար մեծ ճիգերու մէջ է միջազգային մեկուսացման մէջ չյայտնուելու հա մար: Այսպէս. իսլամական պետութեան մօտ պատանդներ ունենալու պատրուակով Անգարան միջազգային դաշինքին մաս կազմել-չկազմելու տատանումներով, փորձեց սուղ գինով վաճառել խորհրդարանի իր որոշումը` մաս կազմելու ռազմական գործողութիւններուն: Սուրիական պատերազմի առաջին օրէն Անգարայի կողմէ յանկերգուող ապահովութեան գօտիի առաջադրանքին վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ ոչ թռիչքային գօտի հաստատելու ծրագիրը: Այս բոլորը կը միտին քրտական տարածքներուն եւ թրքական սահմաններուն միջեւ պատնէշային գօտիներ հաստատել: իսկ այս պարագային իսլամական պետութիւնը Անգարայի առաջադրած գօտիներու ձեւաւորման համար ճիշդ գործիքն է: Չէ բացառուած, որ Թուրքիան իսլամական պետութեան դէմ միաւորուած ուժերու սահմանափակ օդային գործողութիւններուն ձեւական մասնակցութիւն ունենայ: Վերիվայրումներով յատկանշուող Անգարայի դիրքորոշումները կը նախանշեն մեկուսացման դաշտ չմտնելու փորձերը: Փաստօրէն քրտական տարածքներու սահմանագծման հարցն է, որ հիմնական հակասութեան մէջ կը դնէ աշխարհաքաղաքական կեդրոններն ու Անգարան: Այս վերջինը զինելով եւ ֆինանսաւորելով իսլամական պետութիւնը այժմ կը փորձէ յենուլ անոր` պաշտպանելու իր սահմանները: Սահմաններու համար ապահովութեան գօտի ստեղծելու առաջադրանքը կ՛ենթադրէ, որ վտանգուած են սահմանները: իսկ սահմաններու վտանգուածութիւնը նախադուռն է տարածքային ամբողջականութեան սասանման: Քաղաքական եղանակային կանխատեսումները սկսած են խօսիլ թրքական փոթորկոտ գարնան մը մասին: Մանաւանդ որ չեն հերքուիր Թուրքիոյ քիւրտերը զօրաշարժի հրաւիրող պաշտօնական կոչերը:


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.