ÎÇñû سÝáÛ»³Ý Áë³õ`
«Գրողի ծոցը վաւերացնէք»ը Էրտողանին հասկնալի ոճով ըսուած էր
ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.560 - 2 ÐáÏï»Ùµ»ñ 2014 - лé. (54 11)4775 7595
ܳ˳·³Ñ ê³ñ·ë»³Ý زÎÇ ³ÙåÇáÝ¿Ý áõß³·ñ³õ Û³Ûï³ñ³ñáõÃÇõÝ Ï³ï³ñ»ó
«Հայաստան լրջօրէն կը քննարկէ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու հարցը»
Հ
այաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 24 Սեպտեմբերի երեկոյեան մԱկի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ պաշտօնական Երեւանը նախաձեռնած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, սակայն Թուրքիոյ ապակառուցողական դիրքորոշումին պատճառով այսօր պաշտօնական Երեւան լրջօրէն կը քննարկէ Հա յաս տան-Թուր քիա արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու հարցը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգըսեան ըսած է. «Յայտնի է, որ պաշտօնական Երեւանի նախաձեռնած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը հասաւ մինչեւ ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրում: Այդ արձանագրութիւնները արդէն տարիներ շարունակ դարակներուն մէջ են` սպասելով Թուրքիոյ խորհրդարանի վաւերացումին: Պաշտօնական Անգարան բացայայտօրէն կը հռչակէ, որ այդ արձանագրութիւնները կը վաւերացնէ միայն, եթէ Լեռնային Ղարաբաղը` ազատ Արցախը, հայերը յանձնեն Ազըրպէյճանին: «Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պարզ մարդիկ այսպիսի նախապայմաններուն շատ յաճախ կ՛արձագանգեն շատ պարզ. «Գրողի ծոցը վաւերացնեն»: ժողովրդական լեզւով արտայայտուած այս բառերուն մէջ խտացւած է ամբողջ ազգի մը դարաւոր պայքարը, որ ուրիշին հայրենիքին վրայ առուծախ ընողներուն անառարկելիօրէն կը բացատրեն` հայրենիքը սուրբ է եւ ձեր առուծախը հեռու պահեցէք մեզմէ: Այս
պայմաններուն մէջ է, որ պաշտօնական Երեւանը այսօր լըրջօրէն կը քննարկէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու հարցը»: Յայտնենք, որ ՀայաստանԹուրքիա արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու մասին Հայաստանի Հան-
մ
Ակի Ընդհանուր ժողովին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթը Հ.Յ.Դ.ն կը նկատէ անոր «ամէնէն յաջող ելոյթը` դիպուկ եւ ճիշդ շեշտադրումներով»: Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին կարծիք յայտնեց, որ շատոնց պէտք էր ատիկա ըլլար. «Ես կը կարծեմ, որ նախագահի ամէնէն յաջող ելոյթն էր: մԱկի մէջ շեշտադրումները շատ դիպուկ եւ ճիշդ էին: Հիմնական խնդիրները, որ այսօր Հայաստանի համար կարեւոր են, այդ հարցերէն չխուսափեցաւ, եւ ամենայն անկեղծութեամբ ներկայացուց բոլոր խնդիրները, որոնք գոյութիւն ունին երկու հիմնական ուղղութիւններով` հայ-թրքա-
րապետութեան նախագահը խօսած էր նաեւ 20 Սեպտեմբերին` Հայաստան -Սփիւռք 5րդ Համաժողովի փակման արարողութեան ժամանակ` արձագանգելով Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու կիրօ մանոյեանի ելոյթին:
Հ
.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու կիրօ մանոյեան դրական եւ ուժեղ որակեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի` մԱկի Ընդհանուր ժողովի 69րդ նստաշրջանին ելոյթը: «Արմէնփրես»ին հետ զրոյցին ընթացքին կիրօ մանոյեան յայտնեց, որ Նախագահի ելոյթին մէջ կային ճիշդ շեշտադրումներ թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններու, թէ՛ արցախեան հիմնահարցին վերաբերեալ: «Նախագահը այդ բարձր ատեանէն բացայայտեց Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը: Շատ յատկանշական է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին առնչութեամբ Սարգսեան խօսեցաւ մԱկի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն մասին եւ շեշտեց, որ Ազրպէյճան չի կատարեր բանաձեւերու պահանջները: կարեւոր էր նաեւ այն, որ նախագահը յայտնեց, որ Ազրպէյճան դժգոհ է ԵԱՀկի մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջարկներէն եւ կը փորձէ հարցը տեղափոխել անտեղեակ, ես կ՛աւելցնէի նաեւ կաշառուող ատեան», յայտնեց կիրօ մանոյեան: Ըստ անոր, նախագահը շատ ճիշդ շեշտադրումներ կատարեց նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին խօսելուն ընթացքին: կիրօ մանոյեան յայտնեց, որ նախագահը տեղին պատասխան տուաւ Թուրքիոյ կեղծ ցաւակցութիւններուն եւ բացայայտեց արդարութեան, պատմական անցեալի ու վիշտի մասին թրքական արտայայտութիւններուն էութիւնը: Ինչ կը վերաբերի «Գրողի ծոցը վաւերացնէք» արտայայտութեան, ըստ մանոյեանի, ատիկա ոչ միայն ուղղուած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, այլեւ Էրտողանին հասկնալի ոճով ըսուած էր: «Ողջունելի է, որ պաշտօնական Երեւանի մէջ կը քննարկուի արձանագրութիւնները Ազգային ժողովէն ետ կանչելու հարցը: Վստահ չեմ, որ ատիկա կը նշանակէ նաեւ ստորագրութեան ետ կանչում, իսկ մեր ակնկալիքն ու պահանջը ճիշդ ատիկա է, որովհետեւ Հայաստանի ստորագրութիւնը ետ կանչելով վերջակէտ պիտի դրուի: Ինչ կը վերաբերի «Գրողի ծոցը վաւերացնէք» արտայայտութեան, ապա ճիշդ պատասխան էր Թուրքիոյ նախագահի ոճին: Այս բառերով նախագահը ներկայացուց հասարակութեան տեսակէտը Թուրքիոյ այն դիրքորոշումին, որ սահմանի բացումը եւ յարաբերութիւններուն հաստատումը կը կապէ Ղարաբաղի հարցին հետ», յայտնեց մանոյեան` աւելցնելով, որ ճիշդ պիտի ըլլար ելոյթին մէջ օգտագործել նաեւ հետեւանքներու վերացում արտայայտութիւնը: Ըստ անոր, նախագահի ելոյթին լուրջ ուշադրութիւն կը դարձնեն քաղաքական կուսակցութիւններն ու քաղաքական գործիչները, որովհետեւ բազմիցս ելոյթ ունենալով մԱկի ամպիոնէն, Հայաստանի նախագահը առաջին անգամ ըլլալով նման ելոյթ մը ունեցած է եւ ելոյթին ձեւն ու շեշտադրումները վստահաբար պէտք է գրաւեն միջազգային տարբեր ուժերու ուշադրութիւնը:
ΰÁë¿ ²ñÙ¿Ý èáõëï³Ù»³Ý
«Ասիկա նախագահին ամէնէն յաջող ելոյթն էր մԱկի մէջ»
կան յարաբերութիւններ, ցեղասպանութեան խնդիր եւ Ղարաբաղի հարց, եւ որ շատ աւելի կարեւոր է, կը կարծեմ, որ նաեւ խօսւեցաւ այս արձանագրութիւններու ճակատագիրին մասին»: Ռուստամեան ընդգծեց, որ վերջին քայլերը եւ յայտարարութիւնները, որոնք կը կատարէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, «ուղղակի տեղ չեն ձգեր բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու այդ երկրին հետ»: «Յստակ կը նշուի, որ Էրտողան չի հրաժարիր իր հիմնական նախապայմանէն. այն է` յանձ-
նել Արցախը Ազրպէյճանին: Դիպուկ է նաեւ այն որոշումը, որ մենք բացարձակապէս այդպէս պէտք չէ վարուինք այն ցանկութեամբ, որ անպայման այդ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուին: Թուրքիա պէտք է գիտնայ, որ եթէ փակ պահէ այդ սահմանները, ատով Հայաստանը ծունկի չի կրնար բերել», ըսաւ ան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հակասութիւն չկա՞յ Էրտողանը Հայաստան հրաւիրելու եւ մԱկի ամպիոնէն նման շեշտադրումներ
կատարելու միջեւ, Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Ոչ, ես կը կարծեմ, որ Հայաստան ցոյց կու տայ, որ ինք հակուած է յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, բայց բնականոնացնել առանց նախապայմաններու, եւ անշուշտ նաեւ պէտք է նշուի, որ այս մեծագոյն զիջումն է, որ Հայաստան նախապայման չի դներ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, եւ ասիկա առաւելագոյնն է, որ Հայաստանէն կարելի է ակնկալել»: