13558 armenio

Page 1

²ÏݳñÏ §²½¹³Ï¦Ç

ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.558 - 18 ê»åï»Ùµ»ñ 2014 - лé. (54 11)4775 7595

àñå¿ë ä³ïñdzñùÝ»ñáõ ËûëݳÏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահ Օպամային պարզեց միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնները

Ու

աշինկթընի մէջ քրիստոնէական համաժողովին մասնակցող միջին Արեւելքի մարոնի, Հայ, Ասորի, Յոյն Կաթոլիկ եւ Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբերին Սպիտակ Տան մէջ շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպում ունեցան միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամային հետ: Հանդիպումին ներկայ էին, նախագահի ապահովական հարցերու խորհրդականը, ինչպէս նաեւ այլ խորհրդականներ: Պատրիարքներուն առաջարկով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսք առնելով, նախ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց, 13 տարիներ առաջ, 11 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի եւ

Ուաշինկթընի վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն, եւ ապա յիշեց, թէ ահաբեկչութիւնը տարբեր ձեւերով ու արտայայտութիւններով կը շարունակուի աշխարհի զանազան շրջաններէն ու յատկապէս միջին Արեւելքէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ շրջանէն ներս հետզհետէ

ծաւալ ստացող ահաբեկչական շարժումը, միայն վտանգ մը չէ քրիստոնեաներուն, այլ նաեւ իսլամութեան եւ համայն աշխարհին համար: Հետեւաբար, այս համամարդկային չարիքը պէտք է դիմագրաւել հաւաքական ճիգերով: Այս ծիրէն ներս, արաբ ու իսլամ պետութիւններու մասնակցութիւնը կենսա(Þ³ñ.Á ¿ç II)

Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը Աստանայում մասնակցում է Սոցինտերնի Յանձնախմբի ժողովին

Ե

ՐԵՒԱՆ (Հ.Յ.Դ. մամլոյ Դիւան, Սեպտեմբեր 15). Ընկերվար միջազգայնականի (Սոցինտերն) ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան Յանձնախմբի հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ, այդ երկրի Համազգային Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ։ Ժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ մոլտովիայի, Պելառուսի, Ուգրանիոյ, Ռուսաստանի, Ղազախստանի, Հայաստանի, Տաճիկիստանի, Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ կուսակցութիւններէն։ Ներկայ է նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի գլխաւոր քարտուղար Լուիս Աժալան։ Ժողովին մասնակից Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, որ

Արմէն Ռուստամեան

համանախագահեց նիստը, եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ մանոյեանը։ Ժողովի միւս համանախագահն էր Ալեքսանդրա Դոբոլին (Հունգարիա)։ Ժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ղազախստանի Համազգային Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութեան ղե-

կավար Ժարմախան Տույաքբայ։ Ժողովի առաջին օրակարգը կը վերաբերէր տարածաշրջանի մէջ հակամարտութիւններուն եւ խաղաղութեան որոնման ճիգերուն։ Գլխաւոր թեման Ուգրանիոյ մէջ իրադարձութիւններն էին։ Ելոյթ ունեցան Ուգրանիոյ Ընկերվար Ժողովրդավար, «Արդար Ռուսաստան», Հ.Յ.Դ. (Արմէն Ռուստամեան) եւ այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ընկերվար միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատավորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է։ Ան կը համախմբէ բոլոր մայրցամաքներէն աւելի քան 140 երկիրներու 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։ ԱՊՀ երկիրներու կուսակ(Þ³ñ.Á ¿ç II)

Անգարան` ընդլայնուող դաշինքին եւ իսլամականներուն միջեւ

մ

իացեալ Նահանգներու կողմէ առաջադրուած նոր դաշինքը՝ ընդդէմ Իսլամական պետութեան, տակաւին ձեւ ու մարմին չէ ստացած։ Եւ այստեղ այնքան մշուշոտ է դաշտը, այնքան տակաւին անորոշ գործընթացներ կ’արձանագրուին, որ բազմաբնոյթ հարցադրումները չեն ունենար յստակ պարզաբանումներ։ Հարցը կը վերաբերի Իսլամական պետութեան շարժումներուն, անոնց գոյառման եւ զարգացման միտումներուն, ֆինանսաւորման, զինման եւ կարմիր գիծերու մէջ առած քայլերուն, գործողութիւններուն եւ վայրագութիւներուն։ Կատարուածներուն արդիւնքներէն դատելով քանի մը դիտարկում պէտք է արձանագրել, որմէ ետք իրադրութիւնները համեմատել` յայտարարութիւններու եւ գետնի վրայ իրականացածներու ընդհանուր պարունակին մէջ։ Իսլամական պետութեան հետամուտները ներսուրիական պատերազմի էութիւնը դիմափոխեցին։ Սուրիական դասական զինեալ ընդդիմութեան չէզոքացումին մասին կը խօսուի այսօր, ինչ որ սուրիական պատերազմի դաշտը կը բեւեռացնէ վարչակարգ ընդդէմ իսլամականներ կամ քարոզչաքաղաքական բառապաշարով վարչակարգ ընդդէմ ահաբեկիչներ տարազով։ Այստեղ արդէն կը ծագի համատարած հարցը։ Սուրիական վարչակարգին դէմ դիրքորոշուած Արեւմուտքը տեսականօրէն դիրքորոշուած է նաեւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ, որուն նորագոյն մարմնաւորումը կը նկատուի Իսլամական պետութիւնը։ Սուրիական տագնապին օրին միջամտել չմիջամտելու պարանաձգութիւնը ցուցադրած Ուաշինկթընը այսօր կը թուի աւելի հաստատ քայլերով ընթանալ դէպի միջամտութիւն։ Առ երեւոյթ կը թուի, որ եթէ օրին ամերիկեան զինուորական միջամտութեան որոշումը չարդարացնողներ կային, այսօր աւելի համոզիչ կրնայ ըլլալ իսլամական ահաբեկիչներու դէմ կատարուելիք գործողութիւններու որոշումը։ մինչ պաշտօնական Դամասկոս կը զգուշացնէ բացառել առանց իր համաձայնութեան որեւէ զինեալ գործողութիւն իրականացնել իր սահմաններուն մէջ, աւելի պարզ կը դառնայ, որ նման ահաբեկչութեան ծաւալումը անհրաժեշտ պայման էր ամերիկեան հաւանական միջամտութեան։ Եթէ չէզոքացումն ու արմատախլումն է Ուաշինկթընի զինւորական շրջանակներուն նպատակը, ապա ի՞նչը կ’արգիլէր, որ իրաքեան տարածքներու վրայ իրականանային թէկուզ օդային յարձակումներու լայնածաւալ եւ ոչ թէ սահմանափակ գործողութիւններ։ Իրաքի մէջ կատարուած ամերիկեան օդուժի հարուածները պարզ դարձուցին, որ տարածքներ կան, որոնց մէջ իսլամականները կրնան անարգել գործել, եւ այլ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կէտեր, սահմաններ, որոնց մօտենալը արգիլուած է ։ Տարածքներու ամայացումը, քաղաքացիներու գլխատումը, վայրագութիւներու ցուցադրութիւնը եւ որոշ շրջաններու մէջ օր ցերեկով կատարուող ցեղային զտումներն ու տեղահանութիւնները անհրաժեշտ պատճառ եւ շարժառիթ չեն, որ միջազգային ընտանիքը սանձէ այս արշաւը։ Ինչ որ մտածել կու տայ, որ խալիֆայական այս շարժումը՝ տեղ մը ներշնչուած արտաքին կեդրոններէ, այլ տեղ ուղղակի զինուած ու ֆինանսաւորուած կրօնական պիտակին տակ եւ խուճապային ամբոխային տրամադրութիւններու ալիք բարձրացնելով ուղղակի գործիքի դեր կը կատարէ աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութիւններու վրայ։ Գործիքային հանգամանքի եւ գործիքաւորողի վերաբերող տեսութիւններուն մէջ առանց խորանալու պահ մը կեդրոնանանք շրջանային ուժի դիրքերէ խօսող Անգարայի վերջին պահւածքին վրայ՝ այնտեղ ընդգծելու համար որոշ կարեւորութիւն ներկայացնող երեւոյթներ։ Նման տարրերու զինման, ֆինանսաւորման, տարածման եւ դէպի Սուրիա եւ Իրաք անարգել անցման մասին Անգարայի ունեցած դերակատարութիւնը դժուար է շուքի մէջ ձգել։ Ճիշդ է, որ քաղաքական պաշտօնական ամբաստանութիւններ չեն հնչեր այս մասին, այսուհանդերձ միջազգային հեղինակաւոր մամուլի տեսութիւնները այս մասին սեւով ճերմակի վրայ սկսած են գրել։ Անգարան կը թուի, որ նեղ կացութեան մատնուած է, որովհետեւ հիմա կը հրաւիրուի մաս կազմելու միացեալ Նահանգներու առաջադրած դաշինքին եւ մասնակցելու պատժիչ գործողութիւններուն։ Հակասական դիրքերէ դուրս գալու համար Անգարա մէջտեղ նետած է մուսուլի իր դիւա-

(Þ³ñ.Á ¿ç IV)

«ԱԶԴԱԿ»


ARMENIA

II

È»éݳÛÇÝ Ô³ñ³µ³Õ

Պասքական Կիփուզքոա մարզը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը

Ս

իվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար Կարէն միրզոյեան մեկնած է Պասքերու երկիր, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է շրջանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ: Սան Սեպասթիանի մէջ նախարարը հանդիպում ունեցած է Կիփուզքոա մարզի նախագահ մարթին Կարիթանոյի հետ՝ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Պասքերու երկրին միջեւ հետագայ համագործակցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Կիփուզքոայի կառավարութեան անունէն Կիփուզքոայի նախագահ մարթին Կարիթանոն ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը: «Այս ժողովուրդի տառապանքին պէտք է վերջ դրուի, որովհետեւ անոնք արժանի են ազատ եւ անկախ երկիր ունենալու, որ պիտի երաշխաւորէ ապագայ պետականութեան եւ լեզուի ու մշակոյթի լիակատար պահպանումը», նշած է Կարիթանոն: Կարէն միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է նաեւ Կիփուզքոայի կառավարութեան մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային համագործակցութեան կառոյցներու հետ, զրուցած է ջրելեկտրակայանի ճարտարապետական ընկերութեան եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ: Կիփուզքոա մարզը Պասքերու երկրին երեք մարզերէն մէկն է, որուն մայրաքաղաքը Սան Սեպասթիանն է: Ըլլալով Սպանիոյ ամէնէն փոքր մարզը, Կիփուզքոան ունի աւելի քան 700 հազար բնակիչ (պասքերու բնակչութեան մէկ երրորդը): մարզի տնտեսութիւնը հիմնուած է երեք մարզերու՝ առեւտուրի, մետաղագործութեան եւ զբօսաշրջութեան վրայ: Կիփուզքոան արձանագրած է տարեկան շուրջ 32 հազար եւրոյի մէկ շունչի ինկող համախառն ներքին արտադրութիւն, ինչ որ 28 առ հարիւրով աւելի բարձր է Եւրոպական միութեան ընդհանուր ցուցանիշէն: Ասիկա առաջին անգամն է, որ Արցախը ճանաչում կը ստանայ եւրոպական ենթապետական մակարդակով՝ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ եւ միացեալ Նահանգներու շարք մը նահանգներէ ետք:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս...

(Þ³ñ. ¿ç I-Ç)

կան է, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան ըսելով, թէ քրիստոնեաները եկւոր չեն, երկրորդ կարգի քաղաքացիներ չեն, այլ անոնք իրենց արմատները միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ ունին: Նորին Սրբութիւնը ողջունեց, օր մը առաջ նախագահ Օպամային արտասանած խօսքը եւ մ.Նահանգներու յանձնառութիւնը, միացեալ ճիգերով կասեցնելու ահաբեկչական շարժումները:

Հ.Յ.Դ. ...

(Þ³ñ. ¿ç I-Ç)

ցութիւններէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ունեցող առաջին կուսակցութիւնն է։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ մարիօ Նալպանտեանը փոխնախագահ է, իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի համանախագահ։ Հ.Յ.Դ. համապատասխան կառոյցները լիիրավ անդամ են Կանանց Ընկերվար միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY)։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքէն ետք, պատրիարքները յաջորդաբար հակիրճ կերպով իրենց մտահոգութիւնները պարզեցին, յատկապէս Իրաքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու կացութեան մասին: Ապա, Րաի Պատրիարքը, նախապէս հոգեւոր պետերուն կողմէ պատրաստուած նամակը, փոխանցեց նախագահ Օպամային: Նախագահ Օպամա իր կարգին խօսք առնելով, լայն կերպով անդրադարձաւ իր պատգամին մէջ յիշուած կէտերուն, շեշտելով թէ խղճի ազատութիւնը ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւն մ. Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան համար կը մնայ առաջնահերթութիւն:

ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 18 ê»åï»Ùµ»ñ 2014

Ð³Û ¸³ï

9

Յունաստան կը քրէականացնէ ցեղասպանութեանց ժխտումը

Սեպտեմբեր 2014ին Յունաստանի խորհրդարանը քուէներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց «խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ» օրէնքի նախագիծը, որ մշակւած էր երկրին Արդարադատութեան Նախարարութեան կողմէ: Օրէնքի թիւ 2 յօդուածին մէջ կ’արձանագրուի, թէ քրէական յանցագործութիւն կը նկատուի եւ ազատազրկման ու տուգանքի ենթակայ կ’ըլլայ հրեաներու Ողջակիզման, միջազգային դատարաններուն, կամ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւնները ժխտող, հեգնող, կամ ոեւէ ձեւով նուաստացուցիչ յայտարարութիւն կատարող անձ: Նշենք, որ Յունաստանի խորհրդարանը երեք ցեղասպանութիւններ ընդունած է պետական օրէնքով` Պոնտոսի յոյներու (1994), հայերու (1996) եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու (1998): Նախանցեալ օր քուէարկուած օրէնքին համաձայն, այս երեք ցեղասպանութիւններն են որոնց ժխտման համար է նաեւ, որ կը նախատեսուի քրէական հետապնդում եւ դատապարտման պարագային ազատազրկում ու ծանր տուգանք: Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, երկար ժամանակ, լռելեայն եւ յամառօրէն հետապնդած է, գործակցելով յունական, պոնտական եւ փոքր ասիական կազմակերպութիւններու հետ` յաջողցնելու համար այս օրէնքին ընդունումը յունական պետութեան կողմէ: Այս աշխատանքին ընթացքին տեղի ունեցած են բազմաթիւ հանդիպումներ համապատասխան նախարարներու եւ երեսփոխաններու հետ: Յանձնախումբի անդամներ ներկայ եղած են խորհրդարանի յատուկ յանձնախումբի նիստին եւ հոն ներկայացուցած նման օրէնքի մը ընդունման անհրաժեշտութիւնը: Երկար ձգձգումներէ ետք, ի վերջոյ ընդունուեցաւ համապատասխան օրէնքը: 2008ին Եւրոպական միութիւնը ընդունեց «ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացու-

թեան դէմ որոշում-շրջանակ»ը, որուն հիման վրայ Յունաստանի խորհրդարանը որդեգրեց ներկայ օրէնքը: «9 Սեպտեմբեր 2014ը պատմական օր մըն է ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն համար, որովհետեւ Յունաստանը եւրոպական այլ երկիրներու կարգին, կը քուէարկէ ցեղասպանութեանց ուրացման դէմ օրէնք մը: Օրէնք մը, որ կրնայ կանխարգիլել բոլոր անոնց, որոնք կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը եւ կը նզովեն ցեղասպանութեանց զոհերը», ըսաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: «Կոչ կ’ուղղենք Եւրոպական միութեան անդամ մնացեալ երկիրներուն, որ դիմեն նման մարդկային արդար քայլերու` պատժելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման ջատա-

գովները: Թուրքիան եւս պէտք է գիտակցի, թէ ինչքա՛ն շարունակէ ժխտողականութեան իր քաղաքականութիւնը, թող չակնկալէ, որ կրնայ դառնալ Եւրոպայի մարդկային արժէքներուն հաւատացող երկիրներու ընտանիքին անդամ», ըսաւ Գասպար Կարապետեան: Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շնորհաւորէ Յունաստանի կառավարութիւնը, խորհրդարանի անդամները, Պոնտոսի եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու կազմակերպութիւնները եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, իրենց արդար պայքարի յաջող աւարտին համար: Յանձնախումբը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ յոյն ժողովուրդին, որ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ կը շարունակէ եղբայրական զգացումներ տածել հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

Ð.Ú.¸. Úáõݳëï³ÝÇ Î»¹ñáÝ³Ï³Ý ÎáÙÇï¿Ç Û³Ûï³ñ³ñáõÃÇõÝ

Ե

Պատմական ու արդար քայլ մը

րեքշաբթի 9 Սեպտեմբեր 2014ին Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ ցեղասպանութեան ուրացման դէմ կայացած վճիռը՝ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող պատմական ու արդար քայլ մըն է հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Հելլէն խորհրդարանի խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքին մէջ տեղ գտած՝ հաւաքական վիրաւորանքի մասին 2րդ յօդուածը՝ զօրաւոր երաշխիք մըն է ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան համար: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն կ’ողջունէ քուէարկութեան արդիւնքը, շեշտելով թէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերը ձախողութեան կը մատնուին նման յանդուգն որոշումներով, որ ընկերութիւններն ու ազգերը կը պաշտպանեն ժխտողականութեան երեւոյթներուն դէմ։ Օրէնքը կը համապատասխանէ Յունաստանի հանրապետութեան արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն, որ հայութեան բարեկամ երկիր հանդիսացած է միշտ, իր նեցուկն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերելով Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ գաղթականներուն, ապա 1996ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը ընդունելով։ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի երկար տարիներու աշխատանքին ու կառուցողական նախաձեռնութիւններու արգասիքը կը կազմեն այս յաջողութիւնները, որ աւելիով ուժ կու տան ազգային մեր նպատակներուն։ խորհրդարանի վճիռը հայ ժողովուրդի ոգին կ՚ամրապնդէ եւ կարեւոր յաղթանակ կը հանդիսանայ համայն հայութեան ու Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ։

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈմԻՏէ

Se solicita material relativo al Genocidio Armenio

Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar

4812-4993 www.hotelwilton.com.ar

A todos los interesados, se solicita archivos familiares para un proyecto documental sobre el Genocidio Armenio. Se está buscando fotos y relatos de sobrevivientes del genocidio armenio en la diáspora, en particular en argentina. Para más información por favor contactar a Hernán Khourian al siguiente email: wasiberran@gmail.com o al teléfono 0221-15-5041797


ARMENIA

ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 18 ê»åï»Ùµ»ñ 2014

²ÏݳñÏ

àõñáõÏáõ³Ñ³Û λ³Ýù¿Ý

²Ýï»ëáõ³Í Ó³ÛÝ»ñ

54

Այգեպար. կեանքը՝ մատների արանքում

ամեայ այգեպարցի Վաչէ քալանթարեանը ամէն անգամ ծխախոտի գլանակը ձէռքն առնելիս կարօտով է յիշում սեփական ձեռքերով պատրաստած ծխախոտի համն ու հոտը: 1937ին, երբ հիմնադրուեց գիւղը, դեռ Այգեպար չէր՝ ծխախոտի գործարանին կից բնակավայր էր: մասնագիտութեամբ ծխախոտագործ Վաչէ քալանթարեանը հպարտութեամբ է յիշում՝ խՍՀմ երկրների մասշտաբով՝ գործարանը 3,8 տոկոս արտադրանք էր տալիս: «Աճեցնում էինք ստեղ մթերում, վերամշակում ու ուղարկում Երեւան: Չնայած սովետի վախտը՝ ոչ միայն Երեւան, ամբողջ սովետական միութեան տարածքով մէկ», ասում է քալանթարեանը: Նա հիմա շատ է ծխում, արդարանում է՝ մի քիչ տարիքն է իրենն անում, մի քիչ էլ՝ մտածմունքը: քալանթարեանը մի կերպ է յարմարւում շուկայում եղած ծխախոտի համին, ասում է՝ էն ժամանակւանն ուրիշ էր, այն մաքուր գլանակ էր՝ ամենամաքուրը Հայաստանում: քալանթարեանը գործարանում արտադրամասի պետ է եղել: Նրա տեղեկացմամբ՝ սեզոնին գործարանը 180 աշխատող է ունեցել, որոնցից գիւղում հիմա 20-25 հոգի է մնացել: Գործարանում այգեպարցիների հետ կողք կողքի աշխատել են նաեւ թուրքերը: «Հէնց էս գործարանում 5-6 հոգի թուրքեր են աշխատել՝ կողքի գիւղերից, իսկ նախկինում նրանց թիւն աւելի շատ է եղել: Ես իմ պահեստում էլ 5 հոգի թուրք աշխատող եմ ունեցել: Թուրքիայի ժողովուրդն էլ կռիւ չի ուզում, չէ՛, հասարակ ժողովուրդը կռիւ չի ուզում: Թէ պետական այրերի կռիւ ա՝ չգիտեմ, բայց, յամենայն դէպս, կռիւըն օգուտ չի ոչ մէկին», ասում է քալանթարեանը: 1990ականների կռուի թէժ օրերին էլ գործարանը ռմբակոծւեց ու աւերուեց, սարքաւորումները բաժին հասան գիւղացիներին, պատերն ու տանիքն էլ ան-

ձրեւն ու ձիւնն «իրենցով արին»: Այժմ համայնքային սեփականութիւն հանդիսացող ծխախոտի գործարանի շէնքն աւերւած վիճակում է, սակայն դրա

կողքին պահպանւում է խորհրդային կարգախօսով ցուցանակը՝ «Պլանը օրէնք է, կատարումը՝ պարտադիր, գերակատարումը՝ պատիւ»: Ամէն տարի քալանթարեանը խմանքով թարմացնում է ցուցանակի գոյները: Նախկին ծխախոտագործը ծխախոտի գործարանին կից մի փոքրիկ խանութ է բացել, օգուտը օրուայ հացն է. խորհըրդային կարգախօսն այս դէպքում չի գործում: Յայտնի է՝ սահմանամերձ գիւղերում ամենավաճառուող ապրանքը լուցկին, մոմն ու վերմիշելն է: Փոքրիկ խանութի տէրը սովոր է՝ աւելի շատ ոչ թէ գումար է հաշւում, այլ «նիսեայի» տետրում նշուած՝ այդ գումարի թիւերը. «էդպէս է, ի՞նչ անենք, ամբողջ գիւղը նիսեայով է առեւտուր անում, թոշակի յոյսին են մարդիկ, ի՞նչ անենք»: Տետրը խանութպանի համար յատուկ նշանակութիւն ունի՝ ողջ գիւղի ճակատագիրն է էնտեղ, այն կորցնելու մասին չի էլ ուզում մտածել. «էսի կամփուտր ա, կամփուտրի նման ա, ո՞նց կը կորի»: քալանթարեանների ընտանիքը Այգեպարի երջանիկ ընտանիքներից մէկն է՝ մի տնից երկուսն աշխատանք ունեն: Վաչէ քալանթարեանի կինը՝ Լուիզա Գրիգորեանը, Այգեպարի միակ փոստի միակ աշխատողն է՝ արդէն 17 տարի: Տիկին

III

Լուիզան պատմում է, որ հիմնականում նամակներ են ստանում զինուորներից ու զօրամասերից՝ շնորհակալագրերի տեսքով: «Զինուորներից փակ նամակներ ենք ստանում, մէջում եղած լաւն ու վատը չգիտենք, բայց դէ, յամենայն դէպս, մինչ օրս վատ նամակ չենք ստացել: Իւրաքանչիւր ծնող, ով նամակը ստանում է, անհանգստանում է, բնական է, բայց ես էլ փորձում եմ հանգստացնել, թէ՝ այ, կը տեսնես, շնորհակալագիր է լինելու», ասում է տիկին Լուիզան: Այգեպարում թոշակառուների թիւը շատ չէ՝ 100 հոգի: Տիկին Լուիզան բոլորին անձամբ է ճանաչում, բայց թոշակը տալիս են միայն թոշակառուին՝ կարգն է էդպիսին: Թոշակառուները դժգոհելու առիթ չեն ունենում՝ թոշակը գալիս է ճիշդ ժամանակին: Աւելին՝ վերջին շրջանում սկսել են անգամ բարերարներից ծանրոցներ ստանալ: Փոստի ճանապարհը, ցաւոք, միայն ծանրոցն ու թոշակը չէ, որ գիտեն, յաճախ հէնց փոստն է դառնում ատրպէյճանական կրակահերթի թիրախ: Տիկին Լուիզան, սակայն, հաւատում է՝ մի օր գնդակը մոռանալու է փոստի ճամբան էլ, գիւղի ճամբան էլ: «Ատրպէյճանի ժողովուրդն էլ մեզ նման ժողովուրդ է: Ես չեմ պատկերացնում մէկին՝ անկախ ազգութիւնից՝ լինի հայ, թուրք, վրացի, կռիւ ուզի, պատերազմ ուզի… Եթէ էդպէս է, ուրեմն էդ մարդ չի: Թուրքն էլ երեխայ ունի, էդ նոյն գնդակն էնտեղ էլ ա, չէ՞, գնում, հո՞ մերոնք պարապ նստած չե՞ն: միայն խաղաղութիւն եմ խնդրում, աւելի լաւ է՝ մի կտոր չոր հացի կարօտ մնաս, բայց խաղաղ ապրես: Որ սովենք՝ ծիտ կորսանք, կուտենք: Թող խաղաղութիւն լինի: էլ բան չեմ ուզի, այդքանը հերիք է», ասում է տիկին Լուիզան:

ԿԱՐԻՆէ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ yerkir.am

ՀՀ Վերանկախացման 23րդ տարեդարձի նշում և պարգեւատրութիւն

Հ

Հի Պատւոյ Հիւպատոս Պր. Ռուբէն Աբրահամեանի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ ՀՀի վերանկախացման 23րդ տարեդարձի առթիւ նշում, որուն հրաուիրւած էին գաղութիս մէջ գործող բոլոր հայ կազմակերպութիւններու և հայ եկեղեցւոյ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ և անհատ հրաուիրեալներ։ Պր. Ռուբէն Աբրահամեանը իր բացման խօսքի ընթացքին, շնորհաւորելէ ետք ՀՀ վերանկախացման 23րդ տարեդարձը, շեշտեց կարևորութիւնը մեր համայնքային կեանքի մէջ գործող բոլոր աշխատունակ և արհեստավարժ ուժերու համախմբումը, կազմակերպութիւններու գործունէութեանց շուրջ, որպէսզի միասնական ճիգով դիմաւորենք բոլոր մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, որոնք կը ցըցւին մեր դիմաց, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանու թեան 100ամեակի տարւայ մէջ, քանի որ մեր թշնամին չէ լըռած և ամէն տեսակի սադրանքներ ի գործ կը դնէ, խոչընդոտելու համար մեր ծրագիրներն ու աշխատանքները։ Պատւոյ Հիւպատոսը որ վերջերս վերադաձած էր մայր Հայրենիքէն, իր հետ բերած էր Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ պարգևատրուած, մեր գաղութի մէջ երկար տարիներու վաստակ ունեցող և Հայաստանին ու Հայութեան պայծառութեան ի խնդիր իրենց կարևոր ներդրումը բերած, երկու ազգայիններու, Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գլընճեանը և Կոմիտաս Ռատիօժամի տնօրէն Կարօ Հէքիմեանը որոնք Պր Ռ Աբրահամեանի ձեռամբ ստացան, մեր առաջնորդ սրբազանի պարաքային Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկի մետալը, իսկ Կարօ Հէքիմեանն ալ պարգևատրուեցաւ մայրենիի Դեսպան մետալով։ Իրենց արտասանած խօսքերով երկու պագևատրուած անձնաւորութիւնները, շնորհակալ եղան Սփիւռքի Նախարարութեան և ի մասնաւորի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին որ անոնց տարիներու գործունէութիւնը և շարունակւող աշխատանքը, համայնքային մեր կեանքին մէջ, նման գնահատանքի մը արժանի կը դարձնէ։ Պաշտօնական արարողութիւնը աւարտելէ առաջ, յայտարարւեցաւ թէ Հայաստան գտնուած օրերուն մեր Պատւոյ Դեսպանն ալ իր կարգին, արժանացած էր Պօղոս Նուպար մետալին, ինչպէս նաև իրեն յանձնուած էր Հայաստանի քաղաքացիի անցագիր, իբրև գնահատանք իր ունեցած ժրաջան գործունէութեան և բարեսիրական նախաձեռնութիւններուն: Վերջաւորութեան բոլոր ներկաներու համար սարքուեցաւ հիւրասիրութիւն, կենաց խմելով Հայաստանի վերանկախացման 23րդ տարեդարձի առթիւ։ ԿՈմԻՏԱՍ ՌԱՏԻՕԺԱմ


ARMENIA

IV

ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 18 ê»åï»Ùµ»ñ 2014

¶³ÕáõÃÇ Î»³Ýù¿Ý ػͳñ³Ýù гÛáó É»½áõÝ ë³ï³ñáÕÇ ÙÁ

Ստեղծուեցաւ Պուէնոս Այրէսի Համազգայինի «Երուանդ Ապաճեան» Կրթական Հիմնադրամը

Օ

րեր առաջ, Պուէնոս Այրէսի մէջ միասնաբար զգացինք թէ ինչպէս մայրենի լեզուի հանդէպ սիրոյ զգացումները շատերու սիրտերուն մէջ կրնան ծաղկիլ, դէպի արմատները ներշնչելով արժանթինահայ մեր համայնքը: Այսպէս կարելի է բնութագրել այն զգացումները զոր ապրեցանք արժանթինահայ Համազգայինի սիրուած ղեկավար եւ կրթական համադրող Երւանդ Ապաճեանի իր մահուան քառասունքին առթիւ մատուցած հոգեճաշին՝ անցած Կիրակի 24 Օգոստոս: մայր Տաճար Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Սուրբ Պատարա-

գի արարողութենէն յետոյ, մատուցուած հոգեհանգիստէն ետք, բազմաթիւ ազգականներ, բարեկամներ եւ ընկերներ համախմբուեցան կիսելու հագեճաշի սեղանը այրի տիկ. Ռոսա էքմեքճեան-Ապաճեանի հետ: Կարապետ Հասասեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք անդրադարձաւ օրուայ համախմբող խորհուրդին եւ արտայայտեց բոլորին երախտագիտական զգացումները սիրելի Երուանդի հանդէպ: Համազգայինի չափահասներու համար հայէրեն լեզուի դասընթացքներու աշակերտներու անունով, խօսք առաւ խորխէ Պաքրճեան, յիշելով այն

Ð᷻ѳݷÇëï ÎÇñ³ÏÇ, 28 ê»åï»Ùµ»ñ 2014ÇÝ, Û³õ³ñï êáõñµ ä³ï³ñ³·Ç, Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿ç, ëÇñ»ÉÇ ³ÙáõëÝáÛë, Ñûñ »õ Ù»Í Ñûñª

àÕµ. ê²ð¶Æê âàðä²Öº²Ü-Ç

Ù³Ñáõ³Ý ù³é³ëáõÝùÇ ³éÇÃáí£ Ü»ñϳÛë ÏÁ ͳÝáõó³Ý»Ýù Ç ·ÇïáõÃÇõÝ Ù»ñ ³½·³Ï³ÝÝ»ñáõÝ »õ µ³ñ»Ï³ÙÝ»ñáõÝ£ ²ÛñÇݪ ÈáõëÇÝ îÇëã¿ù¿Ý»³Ý-âáñå³×»³Ý ¼³õ³ÏÝ»ñÁª ØÇÑñ³Ý âáñå³×»³Ý, ØÇÉí³ »õ î³ÝÇ¿É èÁ½»³Ý, è³ýýÇ »õ ²É¿Ë³Ýïñ³ âáñå³×»³Ý ÂáéÝ»ñÁª ܳñ»Ï, ö³ÃÇÉ, ²ñÇ, ØÇù³¿É, Ø»ÉÇݳ, γñÇÝ¿ »õ ìÇ·¿Ý

Ð᷻ѳݷÇëï ÎÇñ³ÏÇ, 28 ê»åï»Ùµ»ñ 2014ÇÝ, Û³õ³ñï êáõñµ ä³ï³ñ³·Ç, Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿ç, ëÇñ»ÉÇ ³ÙáõëÝáÛë »õ »Õµûñª

àÕµ. ì²ð¸²Ü ²ÞÖº²Ü-Ç

Ù³Ñáõ³Ý ù³é³ëáõÝùÇ ³éÇÃáí£ Ü»ñϳÛë ÏÁ ͳÝáõó³Ý»Ýù Ç ·ÇïáõÃÇõÝ Ù»ñ ³½·³Ï³ÝÝ»ñáõÝ »õ µ³ñ»Ï³ÙÝ»ñáõÝ£ ²ÛñÇݪ îdzݳ ä³É»³Ý ºÕµ³ÛñÝ»ñÁª سÝáõÏ »õ È»õáÝ ÀÝï³Ý»Ï³Ý µáÉáñ å³ñ³·³Ý»ñÁ

вÔà𸲶ðàôÂÆôÜ

²Ûëáõ ÏÁ ѳÕáñ¹»Ýù Ù»ñ ³½ÝÇõ ѳõ³ï³ó»³É ÅáÕáíáõñ¹ÇÝ áõ ÏÁ Ññ³õÇñ»Ýùª 2014Ç ÑáÏï»Ùµ»ñ 3ÇÝ áõñµ³Ã ûñ ųÙÁ 20.30ÇÝ (»ñ»ÏáÛ»³Ý ųÙÁ 8.30ÇÝ) Ý»ñÏ³Û ·ïÝáõ»Éáõ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñ, áõñ Ó»é³Ùµ ¶»ñß. î¿ñ ¶Çë³Ï ²ñù»åë. Øáõñ³ï»³ÝÇ áõ Ù³ëݳÏóáõû³Ùµ Ñá·»õáñ »õ ¹åñ³ó ¹³ë»ñáõ, åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ ûñÑÝáõÃÇõÝÝ áõ ûÍáõÙÁ ºÏ»Õ»ó³ë¿ñ îÇÏݳÝó γ½Ù³Ï»ñåáõû³Ý ÏáÕÙ¿ ÝáõÇñáõ³Í ˳ãí³éÝ»ñáõ, ÇÝãå¿ë ݳ»õ îdzñ Èáõ¹íÇ· ö³Ã³Ã»³ÝÇ áõ ÁÝï³ÝÇùÇ ÏáÕÙ¿ ÝáõÇñ³Í êáõñµ ê³ñ·Çë ¼ûñ³í³ñÇ å³ïÏ»ñÇÝ:

¸Æô²Ü ²¼¶²ÚÆÜ ²è²æÜàð¸²ð²ÜÆ

ջերմութիւնը որ մեծարած անձին գործունէութենէն կը բխէր: Հ.Յ.Դ. Արամ մանուկեան Կոմիտէի կողմէն խօսք առաւ Գէորգ Տոլմաճեան, շեշտելով Երուանդի անխոնջ առաքելութիւնը յանուն կրթութեան եւ հայ մշակոյթին: Ապա, ճարտ. Փետրօ Թաթեոսեան վերյիշեց վարիչ Երուանդի հետ Արմենիա Երիտասարդական միութեան մէջ կատարած մշակութային զանազան ձեռնարկները: Հոգեճաշը արդէն ընթացքի մէջ էր, երբ յայտարուեցաւ Պուէնոս Այրէսի Համազգայինի Վարդան Գէորգեան մասնաճիւղի որոշումը. «Երուանդ Ապաճեան» կրթական հիմնադրամի ստեղծումը, իր սկսսած գործը շարունակելու նպատակով: Այս նախաձեռնութեան ընդառաջելով, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն առաջին մեծ նուիրատուութիւնը յայտարարեց, ո-

Համազգայինի հայէրեն լեզուի 2014-ի դասընթացքներու աշակերտները

րուն յաջորդեց Հ.Յ.Դ. Արամ մանուկեան Կոմիտէն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ներկաներու նուիրատուութիւնները, խրախուսելով այս նոր ծրագիրը: Կապուելու համար դիմել hamazkainbaires@yahoo.com.ar Ընտանեկան պարագաները եւ բարեկամները յուզիչ պահ

Ð᷻ѳݷÇëï ÎÇñ³ÏÇ, 21 ê»åï»Ùµ»ñ 2014ÇÝ, Û³õ³ñï êáõñµ ä³ï³ñ³·Ç, Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿ç, ëÇñ»ÉÇ ïÇÏÝáç »õ Ùûñª

àÕµ. ïÇÏ. Þ²ø¾ 꾸 êàôð¾Ü-Ç

Ù³Ñáõ³Ý ù³é³ëáõÝùÇ ³éÇÃáí£ Ü»ñϳÛë ÏÁ ͳÝáõó³Ý»Ýù Ç ·ÇïáõÃÇõÝ Ù»ñ ³½·³Ï³ÝÝ»ñáõÝ »õ µ³ñ»Ï³ÙÝ»ñáõÝ£ ²ÙáõëÇÝÁª Ú³Ïáµ êáõñ¿Ý ¸áõëïÁª ²ÝÇ ö»ë³Ýª ü»ï»ñÇùû سÉíÇëÇÝû ÀÝï³Ý»Ï³Ý µáÉáñ å³ñ³·³Ý»ñÁ

Ð᷻ѳݷÇëï ÎÇñ³ÏÇ, 5 ÐáÏï»Ùµ»ñ 2014ÇÝ, Û³õ³ñï êáõñµ ä³ï³ñ³·Ç, Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿ç, Ù»ñ ëÇñ»ÉÇ Ñûñ »õ »Õµûñª

àÕµ. äºÜʲØÆÜ äÆÖÆؾܺ²Ü-Ç

Ù³Ñáõ³Ý ². ï³ñ»ÉÇóÇÝ ³éÇÃáí£ Ü»ñϳÛë ÏÁ ͳÝáõó³Ý»Ýù Ç ·ÇïáõÃÇõÝ Ù»ñ ³½·³Ï³ÝÝ»ñáõÝ »õ µ³ñ»Ï³ÙÝ»ñáõÝ£ ¸áõëïñÁª سñdz ÆÝ¿ë äÇ×ÇÙ¿Ý»³Ý øáÛñÁª êÇñí³ñ¹ äÇ×ÇÙ¿Ý»³Ý

մը ապրեցան նաեւ երբ հայկական խաչ մը յանձնուեցաւ տիկ. Ռոսա Ապաճեանին, եւ երբ լսուեցաւ յուզուած ընթերցումը ճարտագիտուհի Սվեթլանա Պատալեանի, իր կողմէ ձօնած գրութեան Արարատ լեռան մօտ ծաղկող առոգանութեամբ: Այս ապրումներով եւ ստեղծագործ կամքով կարեւոր քայլ մը տրուեցաւ հազարամեակներու հայ մշակութային եւ կրթական ժառանգութեան ջահը փոխանցելու ներկայ եւ յաջորդ սերունդներուն:

Անգարան...

(Þ³ñ. ¿ç I-Ç)

նագիտական անձնակազմի պատանդի կարգավիճակին մէջ ըլլալը։ Դաշինքին ընդլայնումը միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն քերրիի Թուրքիա կատարած այցելութեան գլխաւոր նպատակն է: Անգարան համաձայնութիւն տուած է համագործակցիլ Ուաշինկթընի ծրագիրներուն հետ, սակայն չի պատրաստուիր ռազմական գործողութիւններուն աշխուժ մասնակցութիւն ունենալ: Անկախ այն իրողութենէն, որ խալիֆայութիւնը պարարտ ենթահող է միացեալ Նհանգներուն համար նոր ռազմական դաշինքներ կազմելու, շրջանի այս կամ այն երկրին մէջ զինուորական գործողութիւններ իրականացնելու եւ ի վերջոյ ազդեցութեան նոր գօտիներ ամրապնդելու, այստեղ Անգարան դժուար կացութեան մէջ յայտնուած է։ Եւ ճիշդ այս գիծին վրայ, միացեալ Նահանգներուն եւ իրենց կողմէ ընդլայնըւած դաշինքին պատկանող պետութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջեւ կարեւոր հակասութիւնը կրնայ քաղաքական մակարդակի վրայ գործնական դրսեւորումներ ունենալ։


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.