13563 armenio

Page 1

Ակնարկ «Ազդակի»

ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.562 - 23 ÐáÏï»Ùµ»ñ 2014 - лé. (54 11)4775 7595

Քեսապի նկատմամբ Թուրքիոյ ախորժակը կը յամենայ

Թ

ըրքիշ Տէյլի Նիուզ» 1 հոկտեմբերին հաղորդեց, որ ըստ ապահովական աղբիւրներու, Թուրքիոյ ստեղծել փափաքած «ապահովական գօտին պիտի չներառէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ շրջան, որ կը գտնուի Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կամ ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ, որպէսզի թրքական ուժերը այդ խմբակներուն հետ գործ չունենան»: Ուրեմն հիւսիսային Սուրիոյ ո՞ր շրջանին մէջ պիտի ստեղծուի այդ գօտին. բնական պատասխանը Սուրիոյ քարտէսին ծանօթներուն մօտ կը ստեղծէր Քեսապի ճակատագիրին նկատմամբ մտահոգութիւն մը, որ այսօր առաւել եւս հիմնաւորուած է, որովհետեւ այդ տեղեկութիւնը յստակացուելով ու մանրամասնուելով մեզի կը փոխանցուի ոչ թէ անանուն աղբիւրներու կողմէ, այլ` Թուրքիոյ վարչապետին: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու 15 հոկտեմբերին «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին թուած է Սուրիոյ մէջ ապահովական

գօտիներու ստեղծման հաւանական վայրերը` նշելով, որ անհրաժեշտ է «թրքական սահմանը միացնել» հիւսիսային Լաթաքիոյ` իմա՛ Քեսապին, ինչպէս նաեւ Հասաքայի կարգ մը շրջաններուն, Ճարապլուսի, Արաբունարի, Թել Ապիատի, Իտլիպի եւ Աֆրինի` «պաշտպանելու համար Սուրիոյ արաբները, քիւրտերը եւ թիւրքմենները»: Տաւութօղլու ապահովական այդ գօտիին իսկական բնոյթը ծածկելու ձախող աճպարարութեամբ մը կատարած է հետեւեալ ծիծաղելի հաստատումը. «Մեր ապահովական գօտի ըսածը զինուորական նշանակութիւն չունի, այլ մարդասիրական-ապահովական գօտի մըն է, որ պիտի ըլլայ զինուորական պաշտպանութեան տակ»: Ան շեշտած է, որ այդ գօտիներուն խորքը կրնայ փոխուիլ ըստ այդ շրջաններուն մէջ մարդասիրական տարբեր կացութեանց` աւելցնելով, որ Թուրքիան առանձին միջամտելու ռիսքին պիտի չդիմէ: Այլ խօսքով` Թուրքիա այս անգամ Քեսապի գրաւումը չ՛ուզեր վստահիլ իր վարձկաններուն, հարցը առած է իր ձեռքը եւ իր «մարդասիրական» քայլին հա-

մար կը ջանայ միջազգային օրհնութիւն ապահովել, որպէսզի հետագային «Քեսապը փրկեցէ՛ք» բարձրաձայնող ձայները խեղդէ եւ այդպիսի արշաւի մը ազդուութիւնը չէզոքացնէ: Անհրաժեշտ է այժմէն իսկ մեր ձայնը լսելի դարձնենք եւ մեր մտահոգութիւնը փոխանցենք առնչակից կողմերուն, որովհետեւ վաղը կրնայ ուշ ըլլալ եւ այդ մէկը կատարելը կրնայ ձեւական ու ամուլ քայլի մը վերածուիլ: Թուրքերուն նպատակը մէկ քարով 2 թռչուն զարնելն է. անոնք կ՛ուզեն Թուրքիոյ մէջ գտնուող շուրջ 1,5 միլիոն սուրիացի գաղթականները այդ «ապահովական գօտիներ»-ուն մէջ վերաբնակեցնելով անոնց պատճառած տարատեսակ գլխացաւերէն ու մտահոգութիւններէն ձերբազատիլ եւ այդ ընթացքին Քեսապն ալ հայաթափել ու անոր հայկական ինքնութիւնը ջնջել: Այսօր գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ. ատենօք հայերը Կիլիկիայէն տեղահանուելէ ետք այդտեղ վերադարձան, սակայն կարճ ժամանակ ետք դարձեալ տեղահանուեցան: Ջանանք, որ այդ դառն փորձը դարձեալ չապրինք:

Վերաշարադրել Էրտողանի «Ցաւակցագիրը»

Թ

ուրքիոյ նախագահը «Մարմարա» համալսարանին մէջ անդրադարձած է պատմական իրադարձութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու կարեւորութեան, խօսած է 1915-ի դէպքերուն մասին, քննադատած է Անգարայի նախկին քաղաքականութիւնը` «չլսենք, չտեսնենք»-ի մասին, յայտարարած, որ 1915-ի դէպքերու 100-ամեակին, առանձնայատուկ կերպով պիտի զբաղին այդ հարցով: Էրտողան «դէպքեր»-ը ուսումնասիրելու նպատակով կոչ ուղղած է օգտուելու Թուրքիոյ գրադարաններէն, ուր պարզ պիտի դառնայ, թէ Ցեղասպանութիւնը իրագործողները հայերն են եւ ոչ թէ թուրքերը: Փորձենք տարբաղադրել Էրտողանի յայտարարութեան մէջ տեղ գտած միտքերը: Ա.- Հայոց ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ նախագահը օգտագործած է «1915-ի դէպքեր» ըսելաձեւը: Բ.- Քննադատած է իր նախորդներուն դասական ուրացումի ռազմավարութիւնը: Գ.- Յստակ դարձուցած է, որ իր պետութիւնը առանձնայատուկ եղանակով պիտի զբաղի Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի հարցերով: Դ.- Թուրք գիտնականներուն կոչ ուղղած է ուսումնասիրելու 1915-ի դէպքերը: Ե.- Կանխած է այդ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը` հայերը գործադրած են թուրքերու «ցեղասպանութիւնը»: Հինգ կէտերն ալ հիմնական նորութիւն չեն բերեր Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան դրսեւորումներու ընդհանուր հոլովոյթին: «1915-ի դէպքեր» ըսելաձեւը վաղուց է, որ կ՛օգտագործուի ժխտողականութեան բառապաշարին մէջ եւ առանց ուղղակի յայտարարելու, ուրացման դասական մօտեցումը արդէն իսկ ենթարկուած էր մարտավարական հիմնական փոփոխութեան: Չխօսելու փոխարէն աւելի համարձակ մարտահրաւէր նետել ուսումնասիրողներուն եւ մինչեւ իսկ պաշտօնական առաջարկներ կատարել հայ եւ թուրք պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու` քննարկումներու անժամկէտ գործընթաց մը սկսելու եւ այդպիսով ճանաչման արշաւը խոչընդոտելու: Վերջին կէտը եւս մինչ այժմ տարբեր մակարդակներու վրայ օգտագործուած հակազդեցութիւն էր: Սակայն եթէ պահենք իրադրութիւններու քաղաքական տրամաբանութեան հետեւողականութիւնը, կրնանք հանգիստ ընդգծել հիմնական հակասութիւններ: Տակաւին երէկ էր, որ իր վարչապետութեան վերջին շրջանին Էրտողան կը խօսէր հասարակաց ցաւի մասին, հասարակաց զոհերուն ցաւակցութիւն կը յայտնէր եւ կը նշէր, որ իրենք կը գիտակցէին, որ Ապրիլ 24-ը հայութեան համար աշխարհի տարածքին կարեւորութիւն ներկայացնող օր մըն է: Հիմա ակունքներու վերադարձ կատարած է Թուրքիոյ նախագահը: Հայերը գործադրած են թուրքերու «ցեղասպանութիւն»: Պէտք է վերաշարադրել նշանաւոր ցաւակցագիրը եւ զայն հասցէագրել միայն թուրքերուն… որոնք զոհ գացին հայերու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան: Այս միայն ցաւակցագիրով դրսեւորուած մարտավարութեան կը հակասէ. կայ աւելին: Անգարան երկար ատենէ ի վեր միջազգային հանրութեան կը փորձէ ներկայանալ իբրեւ հարցի լուծման համար առաջարկ կատարող եւ հայկական կողմէն համապատասխան ընդառաջում չստացող կողմ: Խօսքը կը վերաբերի պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի ստեղծման յանկերգին: Թաւշեայ ժխտողականութեան մօտեցումը այն է, որ փոխանակ ըսելու, որ ցեղասպանութիւն եղած է թէ չէ եղած, հարցը իրաւական եւ քաղաքական դաշտէն տեղափոխենք պատմագիտական դաշտ եւ սկսինք անվերջանալի ուսումնասիրութիւններու, փաստարկ-հակափաստարկ ունայն շրջագիծի (վիշըս սըրքըլ) մէջ դառնալու խաղին: (Þ³ñ.Á ¿ç IV)

Սահմանադրական Փոփոխութիւններ

ՀՅԴ-ն Հայեցակարգին գծով իր առաջարկները պիտի ներկայացնէ

Հ

ՅԴ-ն սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգի` յառաջիկային սպասուող քննարկումներուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ իր առաջարկները: «Մեր հիմնական մօտեցումները ժամանակին ներկայացուած են, բայց երէկ հրա-

պարակուած փաստաթուղթը, այդ պարագային Վենետիկի յանձնաժողովի եզրակացութիւնը կարիք ունի մանրամասն ուսումնասիրման, որպէսզի յաջողինք նաեւ մեր ծրարի ամբողջականութիւնը գնահատել եւ անկէ ետք ներկայացնել առաջարկներ», «Հայկական Ժամանակ»-ի հետ զրոյցին ըն-

թացքին յայտնեց ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: Սահմանադրական դատարանի նախագահ, սահմանադրական փոփոխութիւններու մասնագիտական յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան յառաջիկային հայեցակարգի քաղաքական

քննարկումներու հանգրուան պիտի սկսի: Նախանցեալ օր, երբ Արծուիկ Մինասեանին հարց տրուեցաւ, թէ առաջին հայեացքէն ինչպիսի՞ տպաւորութիւն ունի հայեցակարգէն, պատգամաւորը պատասխանեց. «Կը կարծեմ, զուտ կառոյցի եւ խնդիրներու բացայայ-

տման տեսակէտէն լաւ, մանրամասն մշակուած է: Բայց նաեւ կառոյցի առումով աւելի շատ շեշտադրում պէտք է ըլլայ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու առարկայական ներկայացման վրայ, որպէսզի քաղաքացիները ըմբռնեն, թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտ են փոփոխութիւնները»:


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.