13557 armenio

Page 1

²ÏݳñÏ §²½¹³Ï¦Ç

ÚÇßáõÙ »Ù »õ å³Ñ³ÝçáõÙ

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.557 - 11 ê»åï»Ùµ»ñ 2014 - лé. (54 11)4775 7595

Ä³Ý Äáñ»ëÇ Ù³Ñáõ³Ý 100³Ù»³ÏÇÝ ³éÇÃáí

Հայաստան այցելեց Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Ընկերվարական խումբի պատուիրակութիւնը

2

014 թուականը Ֆրանսայի մէջ հռչակուած է Ժան Ժորեսի տարի, անոր մահւան 100ամեակին կապակցութեամբ: Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան առաջնորդ, հայկական իրաւունքներու պաշտպան քաղաքական գործիչին մահուան հարիւրամեակը Հայաստանի մէջ նշելու համար, Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան (Արեւմտեան Եւրոպա եւ Հայաստան) եւ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով, 4-7 Սեպտեմբերին Հայաստան այցելեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ընկերվարական խմբակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Պրիւնօ լը Ռուի: Պատուիրակութեան կ՛ընկերանար Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ` գլխաւորութեամբ Հ.յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանի: Ֆրանսական պատուիրակութեան այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի, Հայոց ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի համագործակցութեամբ եւ Ֆրանսական Համալսարանի ու «Հրայր Մարուխեան» Հիմնադրամի (Երեւան) աջակցութեամբ: Ֆրանսական պատուիրակութեան պաշտօնական հանդիպումներուն կը մասնակցին Հ.յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան,

Հ.յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան եւ Հ.յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Հայաստանի վարչապետ յովիկ Աբրահամեան ընդունեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը: ողջունելով հիւրերը, վարչապետը վստահութիւն յայտնեց, որ ֆրանսացի խորհրդարանականներուն այցելութիւնը կը նպաստէ հայ-ֆրանսական բազմաոլորտ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման: «Մենք մեծապէս կը շեշտենք Ֆրանսայի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ յարաբերութիւններու զարգացումը: Ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի մեր երկկողմանի կապերը աւելի զարգանան, որուն համար կայ մեծ ներուժ», նշեց վարչապետը: Ընդգծելով, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ յաջող գործունէութիւն կ՛ունենայ ֆրանսական 180 ընկերութիւն, յովիկ Աբրահամեան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային անոնց թիւը պիտի աւելնայ: Վարչապետը եւ Պրիւնօ լը Ռու կարծիք յայտնեցին, որ Հայաստան կրնայ բեմ հանդիսանալ ֆրանսական ընկերութիւններու համար եւրասիական շուկայ մուտք գործելու: Ըստ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ընկերվարական խըմբակցութեան նախագահին, իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի զարգացումով եւ պատրաստ է հետագային եւս հա-

մակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ գործին: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին` Պրիւնօ լը Ռու ըսաւ. «Ինչպէս Հայաստանի մէջ նշեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, մենք ունինք քաղաքական կամք ամբողջացնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքը, որուն շնորհիւ կը նախատեսւի քրէական հետապնդում բոլոր անոնց համար, որոնք կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Վստահ ենք, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը ունի կանխարգելիչ դերակատարութիւն եւ խաղաղութեան հաստատման համար կարեւոր է անոր ժխտումը բացառելը»: Պրիւնօ լը Ռու Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին նաեւ կարեւոր նկատեց հայ-ֆրանսական միջխորհրդարանական կապերու սերտացումը` միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ անհրաժեշտ աշխատանքներ տանելու համար: յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխաններուն` իրենց դիրքորոշումին համար եւ ընդգծեց, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութեան նման ոճրագործութիւնները ժամանակին չեն դատապարտուիր, ապա կ՛ունենան կրկնուելու հաւանականութիւն: Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ ընդգծեցին անոր լուծման անհրաժեշտութիւնը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին ծիրին մէջ: Կողմերը նաեւ քննարկեցին հայ-ֆրանսական (Þ³ñ.Á ¿ç III)

Հ

Նիւփորթը Սոչիին դիմաց

իւսիսատլանտեան ուխտի համագումարի շրջանակներուն մէջ կիսայանկարծակի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջնորդութեամբ` նախագահներ Սարգսեան եւ Ալիեւի, առաջին հայեացքով Սոչիի հակաքայլ կարելի է դիտարկել: Չմոռնանք, որ վերջին շրջանին եւ միջնախագահական բանակցութիւններու երկարատեւ դադարէ ետք, Ֆրանսայի նախագահին կը պատկանէր եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը: Սահմանային գօտիներու վրայ ստեղծուած գերլարուած իրավիճակը եւ դէպքերու աննախադէպ զարգացումը ենթահողը պատրաստած էին, որ եռակողմը այլ գերմիջնորդի նախաձեռնութեամբ կայանար: Այդպէս ալ եղաւ: Սոչիի հանդիպումին մասին ամերիկեան արձագանգը կը խօսէր Արցախեան հարցին ներկայացուցած առաջնային կարեւորութեան մասին: «Անշուշտ, աշխարհի տարբեր անկիւններուն տիրող բարդ իրավիճակները անհանգստութեան մեծ առիթ են Միացեալ Նահանգներու համար, սակայն ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը թուլացնէ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման անհրաժեշտութեան առաջնայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու համար: Մեր նպատակն է Եւրոպան ամբողջական, ազատ եւ խաղաղ տեսնել»: Սոչիի առիթով այսպէս բնորոշած էր Մինսքի ամերիկացի համանախագահը Արցախի ներկայացուցած կարեւորութիւնը: Ընկերային ցանցերը ի շարս բազմաթիւ գործառոյթներու, այլընտրանքային լրատուութեան առընթեր այսօր դարձած են նաեւ կիսապաշտօնական տեղեկատուութեան սկզբնաղբիւր: Մինչեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուիլը, արդէն իսկ ամերիկացի համանախագահը թուիթըրեան իր էջին վրայ կը գրէր. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները այսօր ներկայ պիտի ըլլան ՕԹԱՆի վեհաժողովին, կը սպասուի մեր ընդհանուր արժէքներուն եւ նպատակներուն վերաբերեալ կտրուկ յայտարարութեան: ուորլիք պարզ կը դարձնէր, որ ուաշինկթըն իր աշխատանքային ժամանակացոյցին վրայ նշած է արդէն նման հանդիպում եւ կտրուկ յայտարարութիւն ըսելաձեւով, փորձ կը կատարէ հանրային կարծիքը կողմնորոշելու, թէ բեկումնային յայտարարութիւն կը սպասուի այդ հանդիպումէն: Բեկումնայինի տպաւորութեան ստեղծումով ամերիկացի քաղաքական գործիչը խորքին մէջ կ՛ուզէ նախանշել, որ ռուսական միջնորդութեամբ Սոչիի հանդիպումէն աւելի անկիւնադարձային է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին միջնորդութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ կայանալիք եռակողմ հանդիպումը: Անօրինաչափ չէ, որ նման միջազգային համագումարներուն տեղի ունենան այս տեսակ հանդիպումներ: Օրինաչափ է սակայն, որ նման հանդիպումներ նախապէս յայտարարւին, ընդհանուր ժամանակացոյցին վրայ երեւին. եւ յայտարարուին համագումարը կազմակերպողին կողմէ, այս պարագային` ՕԹԱՆին: ուորլիքի թուիթըրեան գրառումն ու անոր հետեւած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այլեւս պաշտօնական տեղեկատուութիւնը ամրագրեց, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ: Մինչ լուռ էին մինչեւ այդ պահը հանդիպման հրաւիրուած կողմերու պաշտօնական բաժանմունքները: Հանդիպումէն մինչ այժմ կտրուկ յայտարարութիւն չէ բխած: Լրատուութիւնները ընդհանրապէս կ՛օգտագործեն արցախեան հարցին մասին լսուած սկզբունքներն ու անոնց համապատասխանող բառապաշարը: Երկարատեւ դադարէ ետք, Սոչիէն անմիջապէս ետք երկրորդ հանդիպում կազմակերպելը աւելի կը համոզէ եղածին հակաքայլ բնոյթին մասին, ռուս-ամերիկեան շեշտուած մրցակցութեան պարունակին մէջ: Արցախեան հակամարտութիւնը ՕԹԱՆի օրակարգի վերածելու ճիգը այս շրջագիծին մէջ կարելի է դիտարկել: Նիւփորթը Սոչիի այլընտրանք վերածելու այս արագ աշխատանքին մէջ Անգարան իր դերը վերցուցած էր: Պաքուն հանգստացնելու միակ նպատակը չունէր նորընտիր նախագահը, երբ իր առաջին այցելութիւններու շարքին Ազրպէյճանը նկատի կ՛ունենար: Աւելի՛ն. կը յայտարարէր, որ Արցախի հարցը պիտի արծարծուի ՕԹԱՆի համագումարին: ուորլիքի խոստացած կտրուկ յայտարարութիւնը չտեսանք. տեսանք կտրուկ հանդիպումի մը կազմակերպումը: «ԱԶԴԱԿ»


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.