13517 armenio

Page 1

Խմբագրական §ÐաÛրենիք¦ի

äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.517 - 28 ÜáÛ»Ùµ»ñ 2013 - лé. (54 11) 4775 7595

Կը հաստատէ ԼեռնաÛին Ղարաբաղի Ðանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը

Բանակցութիւններու ընթացքին իրական յառաջընթացի հնարաւոր է հասնիլ միայն լիարժէք ձեւաչափով

Ս

երժ Սարգսեան - Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը աւարտած է եւ հասած է մեկնաբանութիւններու պահը: Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն գլխաւոր հերոս Արցախը արձագանգած է առաջին եւ տուած է իր գնահատականը իրադարձութեան առընչութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի. «Տեւական ընդմիջումէ ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակով հանդիպումներու վերսկսումը կարեւոր նշանակութիւն ունի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի աշխուժացման, տարածաշըրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման տեսանկիւնէ: Կը կարծենք, որ կայացած հանդիպումը կ՚ապացուցէ խաղաղ կարգաւորման այլընտրանքի բացակայութիւնը եւ կը ծառայէ անոր անշրջելիութեան ապահովման»: Միաժամանակ, պաշտօնական Ստեփանակերտը նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին իրական յառաջընթացի հնարաւոր է հասնիլ միայն լիարժէք ձեւաչափով, այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անմիջական եւ ուղղակի մասնակցութիւնը վերականգնելով: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»ն:

ՍԵրԺ ՍԱրԳՍԵԱՆ «ՆՈրՄԱԼ» ՈրԱԿԱծ է ՀԱՆԴԻՊՈւՄԸ, ՄԻՆՉ ԱԼԻԵւ ՈՉԻՆՉ ԸՍԱծ է

Ինչպէս յայտնած էինք, 2012 Յունուար 23էն յետոյ եւ սաֆարովեան գայթակղութենէն ի վեր, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու 18րդ հանդիպումն էր որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 19ին, Վիեննայի մէջ: Երկու նախագահները նախ տեսակցած են գլուխ-գլխի, յետոյ իրենց միացած են Մինսքի խումբի համանախագահները: Ապա, երկու նախագահները տեսակցած են այս անգամ ալ իրենց արտաքին գործոց նա-

խարարներուն ներկայութեան: Ինչպէս շատեր կը կանխատեսէին, բանակցութիւններու աւարտին նորարար ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուած է: Միայն հաղորդուած է, որ Սարգսեան եւ Ալիեւ համաձայն են, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման նոր թափ պէտք է տալ: Վերոնշեալ հանդիպումէն առաջ, ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հեռաձայնած է Սերժ Սարգսեանին, իսկ Պարաք Օպամա ալ նամակ մը յղած՝ Ալիեւին: Երկու պարագաներուն ալ ամերիկեան պատգամին ենթախորքը հանդիսացած է բանակցային գործընթացի կարեւորութեան եւ խաղաղ բանակցութիւններու այլընտրանքի ընդգծումը: Բանակցութիւններու աւարտին, Սերժ Սարգսեան մեկնաբանելով զանոնք, գոհացած է «նորմալ» որակելով, մինչ Ալիեւի կողմէ դեռ ոչ մէկ արձագանգ կայ: Մինսքի խումբի համանախագահներն ալ յայտարարութեամբ մը ողջունած են երկու երկիրներու նախագահներուն այս քայլը:

ՄԻԱցԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵր Կ՛ՈՂջՈւՆԵՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն Վիեննայի մէջ ունեցած հանդիպումը:

«Մենք բարձր կը գնահատենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն այս քայլը, եւ խորհուրդ կու տանք, որ պետութիւններու ղեկավարները յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին ժամադրուին յաջորդ հանդիպումին համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: «Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ կոչ կ՛ուղղեն նախագահներուն աշխուժօրէն աշխատելու խաղաղ լուծման համար այն խնդիրին, որ ծանր բեռ դարձած է բոլոր կողմերուն համար», ըսուած է Ճեն Փսաքիի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

ԵԱՀԿ-Ի ԳՈրծՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՍԱրԳՍԵԱՆԱԼԻԵւ ՀԱՆԴԻՊՈւՄէՆ ԵՏՔ ՅԱՅՏԱրԱրՈւթԻւՆ ԿԱՏԱրԱծ է

ԵԱՀԿի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա Վիեննայի մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգըսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: «Վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը պիտի օժանդակէ կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահու-

(Þ³ñ.Á ¿ç IV)

Գ

Հերթը վերստին ժամանած է

ոհաբանութեան արձակուրդի այս օրերուն, զանգը կրկին կը հնչէ, որպէսզի ամենայն խանդավառութեամբ, առատաձեռնութեամբ եւ նուիրումով, մասնակցինք նուիրահաւաքին` թելեթոնին: Ժամանակն է մեր լուման տրամադրելու, յաչս այս տարւայ ծրագրին, որ յատկապէս վերապահուած է Վարդենիս – Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման: Նմանօրինակ ճանապարհի մը կառուցումը պիտի ըլլայ Հայաստանը Արցախին կապող երկրորդ միջազգային չափանիշերու համապատասխանող ճանապարհը, արդէն իսկ գործող Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի կողքին: Բնականաբար այս ճանապարհի կառուցումն ու գործածութիւնը, ինքնաբերաբար իր ուղղակի ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ճանապարհէն մինչեւ երկու տասնեակ մղոն հեռաւորութեան վրայ տարածուող համայնքներու բնակիչներուն ընկերային, տնտեսական կեանքին եւ հաղորդակցութեան վրայ: Շարքը երկար է… Դադիվանք, Քնարաւան, Եղէգնուտ, Դրմբոն, Վաղուհաս, Կոճողուտ, Գետաւան, Վերին Յոռաթաղ, Հաթերք, Չափար, Խնկաւան, Չարեքթար, նաեւ քիչ մը աւելի հեռաւութեան վրայ գտնուող գիւղեր` Չափնի, Չինաւան, Յարութագոմեր, Զարդախաչ, Համշակ, Շիկքար, Նոր Բրաջուր, Եղցին, Զովք, Մշենի եւ ընդհանրապէս Քարվաճառի կեդրոնական շրջանը: Դեռ աւելին, յատկապէս նկատի ունենալով որ այս ճանապարհը պիտի անցնի Քարվաճառի եւ Շահումեանի շրջաններէն, թէ՛ աշխարհագրականօրէն եւ թէ՛ ռազմավարականօրէն կարեւոր քայլ մը առնուած պիտի ըլլայ այն եզրակացութեամբ որ, Արցախի հիւսիսիսային շրջանը, անմիջականօրէն, պիտի կապուի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Ճարտարագէտներու եւ ճարտարապետներու կատարած ուսումնասիրութիւնները կը տեղեկացնեն թէ այս մայրուղիի երկարութիւնը մօտ 72 մղոն (116 քիլոմեթր) պիտի ըլլայ: Այս առթիւ, նաեւ պիտի վերանորոգուին բազմաթիւ կամուրջներ, որոնց թիւը կը գերազանցէ տասնըհինգը: Այս կատարուելիք աշխատանքներուն արժէքն է մօտաւորապէս երեսուն միլիոն տոլար: Նախապէս, «Հայաստան» հիմնադրամի միջոցաւ կատարուած այս համահայկական նուիրահաւաքին, կարելի եղած էր Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղեր կեանքի կոչել, վերակառուցել, դպրոցներ ու բժշկական կեդրոններ վերանորոգել ու արդիականացնել: Նաեւ, կարելի եղած էր վառելանիւթի եւ ջուրի մատակարարման համակարգեր գործի լծել: Այս տարուայ «ճանապարհային քարտէս»ը` Վարդենիս – Մարտակերտ ճանապարհի կառուցումն է, որուն նաեւ պէտք է, որ ապագային յաջորդեն միջազգային չափանիշներու համապատասխան նմանատիպ այլ մայրուղիներ: Ուստի հետեւինք «Դէպի Արցախ» կարգախօսին:

Յովիկ Աբրահամեան.

«Արցախի հարցի լուծման բոլոր նախադրեալները կան»

Պ

ուէնոս Այրեսի մէջ արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելով, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցային հոլովոյթը կը շարունակուի, եւ ես կ՛ուզեմ վստահեցնել ձեզի, որ անկախ դրացի Ատրպէյճանի կողմէ հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններէն եւ սպառնալիքներէն՝ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք՝ հասնելու Արցախի հարցի հայանպաստ լուծման»: «Ատոր բոլոր նախադրեալները կան՝ ի դէմս հայկական իշխանութիւններու քաղաքական կամքին, հայկական մարտունակ զինեալ ուժերուն եւ միջազգային հանրութեան մէջ աստիճանաբար գերակայ դարձող այն համոզումին, որ Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար

ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ», աւելցուց Աբրահամեան: Ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հայա(Þ³ñ.Á ¿ç II)


ARMENIA

II

г۳ëï³Ý

Հ

Բնակչութիւնը նուազած է 7.5%-ով

այաստանի հանրապետութեան ազգային վիճակագրական ծառայութեան Նոյեմբեր 19-ին հրապարակած «Հայաստանի հանրապետութեան մարզերը եւ Երեւան քաղաքը թիւերով» հերթական զեկուցումին մէջ ներկայացուած է Հայաստանի հանրապետութեան մարզերու բնակչութեան թիւը։ Մարզերուն մէջ բնակչութիւնը 1 տարուան ընթացքին նուազած է 13-17 առ հարիւրով։ Արագածոտնի մարզի բնակչութիւն այս մէկ տարուան ընթացքին նուազած է 10 հազարով կամ 6.9 առ հարիւրով, Արարատինը՝ 20 հազարով կամ 7.2 առ հարիւրով, Արմաւիրինը՝ 20.3 հազարով կամ 7 առ հարիւրով, Գեղարքունիքինը՝ 7.5 հազարով կամ 3 առ հարիւրով, Լոռիի մարզինը՝ 47.5 հազարով կամ 17 առ հարիւրով, Կոտայքինը՝ 28 հազարով կամ 10 առ հարիւրով, Շիրաքինը՝ 31 հազարով կամ 11 առ հարիւրով, Սիւնիքինը՝ 11 հազարով կամ 7.3 առ հարիւրով, Վայոց Ձորինը՝ 4 հազարով կամ 6.9 առ հարիւրով, Տաւուշինը՝ 6.5 հազարով կամ 5 առ հարիւրով։ Երեւանի բնակչութիւնը այդ ընթացքին նուազած է 61 հազարով կամ 5.4 առ հարիւրով։ Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի բնակչութիւնը ըստ Ազգային վիճակագրութեան ծառայութեան հրապարակած պաշտօնական այդ տեղեկատուութեան, նուազած է 247 հազարով կամ 7.5%։

Միացեալ Նահանգներ եւ Հայաստան կ՛ընթանան դէպի աւելի հասուն յարաբերութիւններ

Հ

.Յ.Դ. Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի գրասենեակը, մեկնաբանելով տնտեսական հարցերով հայ-ամերիկեան միջկառավարական աշխատանքային խմբակի նիստին արդիւնքները, News.am-ին յայտնած է, որ գրասենեակը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական երկխօսութեան տեղափոխումը «Նուիրատու-ստացող» հարթութենէն գործնական գործողութիւններու հարթութիւն, որոնք ուղղուած են երկկողմանի առեւտուրին եւ ներդրումային գործընկերութեան: «Մենք կ՛ողջունենք այդ հանդիպումը, որ հայ-ամերիկեան տնտեսական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ դրական ջրբաժան կը հանդիսանայ: Բանակցութիւններու արդիւնքները կը խոստանան քաղաքականութեան մակարդակի եւ աւելի գործնական մակարդակի վրայ զգալիօրէն ընդլայնել առեւտրական եւ ներդրումային գործընկերութիւնը, ապագային կայուն աճի համար հիմք կը հանդիսանան», ըսած է Հ.Յ.Դ. Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քեն Խաչիկեան: Մեկնաբանելով հանդիպման արդիւնքները` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը կ՛ընթանան դէպի աւելի «հասուն յարաբերութիւններ», ինչպէս նաեւ կը հեռանան «Նուիրատու-ստացող» բնորդէն ու կը կեդրոնանան գործընկերութեան բնորդին վրայ, որ կը ներառէ նաեւ օգնութիւն»:

ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 28 ÜáÛ»Ùµ»ñ 2013

Âáõñùdz

Տաւութօղլու «պատմական յանձնաժողով»ի նախապայմանը եւս կ՛աւելցնէ

Ե

րԵւԱՆ, «Նիուզ».- թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ կապուած յայտարարութիւններուն մէջ նոր փոփոխութիւն մը ըրած է՝ նախապայմաններուն մէջ ներառելով նաեւ «պատմական յանձնաժողով»ի պայմանը: թրքական «Անատոլու» լըրատուական գործակալութեան համաձայն՝ թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը խորհրդարանին առջեւ ամավարկին առնչուող քննարկումի մը ընթացքին խօսած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին՝ ըսելով, որ Անգարայի համար շատ կարեւոր է «Հայաստանի կողմէ եղբայր Ատրպէյճանէն գրաւուած հո-

ղերուն շուտափոյթ վերադարձը» եւ շեշտելով, թէ այդ նպատակով տարուող աշխատանքներուն զուգահեռ, կ՛ընթանան Հայաստանի հետ ստորագըրւած արձանագրութիւններով նախատեսուած քայլեր, որոնց մէջ կը ներառուի նաեւ համատեղ «պատմական յանձնաժողովը»: Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ Տաւութօղլու հանդիպում մը ունեցած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկի հետ եւ հանդիպումէն ետք տրուած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին բացատրութիւններ տուած է օրակարգի բերուած նիւթերուն մասին։ Նախարար Տաւութօղլու պատասխանած է նաեւ Հայաստանէն եկած հրաւէրին մասին ուղղուած հար-

ցումի մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, յառաջիկայ ամիս Երեւանի մէջ պիտի գումարուի Սեւծովեան համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որուն համար հրաւէր եկած էր նաեւ Տաւութօղլուին։ Տաւութօղլու ըսած է, որ այս հրաւէրը սովորական հրաւէր մըն է, որ կը ղրկուի բոլորին, եւ սխալ է յատուկ նշանակութիւն մը տալ այդ հրաւէրին։ Այս առիթով, ան կրկնած է, որ թուրքիոյ տեսիլքն ու պաշտպանած հեռանկարն է Հայաստանի հետ ունենալ բնականոն յարաբերութիւններ եւ լուծուած տեսնել Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնն ու Արցախի հարցը։

աւարտել 2014ի Մարտին: Նախաձեռնող խումբը նախագիծը մտադիր է իրագործել «ժողովուրդի աջակցութեամբ», tursu.tv-ն շարժանկարի նկարահանման աջակցութեան հիմնադրամ բացած է: էրհան Արըքը եւ Արիս Նալճըն նախապէս նկարահանած են «Autobus» կոչուած 36 ժամնոց վաւերագրական շարժանկարը,

որուն նիւթը թուրքիայէն Հայաստան ճանապարհորդող ուղեւորներու մասին է: Կայքը կը նշէ, որ թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը 2012ին յայտարարած էր Սայաթ Նովայի մասին գիրք հրատարակելու մասին, եւ կ’աւելցնէ, որ թէեւ արդէն մէկ տարի անցած է, այդ ուղղութեամբ դեռ որեւէ աշխատանք չէ կատարուած:

(Þ³ñ. ¿ç I-Ç)

րս՝ Հայաստանի թէ Արցախի, Արժանթինի թէ հայաշատ որեւէ այլ երկրի մէջ, միացեալ ուժերով կրնանք աւելի հզօրացնել հայկական երկու պետութիւնները՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները, հզօրացնել հայկական սփիւռքը՝ մէկզմէկու սատարելով եւ թիկունք կանգնելով», ըսաւ Յովիկ Աբրահամեան:

թրքական հեռուստաալիքը Սայաթ Նովայի մասին վաւերագրական շարժանկար պիտի նկարահանէ

թ

րքական tursu.tv հեռուստաալիքը Սայաթ Նովայի ծննդեան 300ամեակին նուիրուած նախագիծ մը սկսած է: Հեռուստաալիքը ծրագրած է վաւերագրական շարժանկար մը նկարահանել տարածաշրջանի մէջ հայկական քեամանչա երաժշտական գործիքը տարածած հայ բանաստեղծ, երաժիշտ, բանահաւաք, երգահան եւ աշուղ Սայաթ Նովայի մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփես»ը, վկայակոչելով թրքական demikrathaber.net լրատուական կայքը: Շարժանկարին արտադրողը Արիս Նալճըն է, բեմադրիչը՝ էրհան Արըքը, օփերատորը` Արամ Դիլդարը: Խորհրդատուներ կը նշուին Պօղոս Եղիազարը եւ Բագրատ էսթուքեանը: Նկարահանումները պիտի կատարուին Վրաստանի, Հայաստանի, Իրանի, Ատրպէյճանի եւ թուրքիոյ մէջ: Ատոնք կը նախատեսուի

նպաստ լուծումը ներկայիս համայն հայութիւնը յուզող խնդիրներէն է, Ազգային ժողովի նախագահը յայտարարեց. «Հայաստան Արցախ Սփիւռք եռամիասնութեամբ հայ ժողովուրդը առաւել քան հզօր է եւ աւելի արդիւնաւէտ կրնայ իրականացնել իր համազգային ծրագիրները»: «Համոզուած եմ, որ մենք բոլո-


ARMENIA

ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 28 ÜáÛ»Ùµ»ñ 2013

III

î»ë³Ï¿ï

Արցախի առնչութեամբ հատուածական քաղաքական խաղերը կը վնասեն հայկական շահերուն

Ք

անի որ բոլոր հայերը անխտիր կը պաշտպանեն Արցախի շահերը, շատերուն մօտ հարց կը ծագի, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի կառավարութիւնը մինչեւ այսօր չէ ճանչցած անոր անկախութիւնը: Հայաստանի ղեկավարները մտահոգուած են, որ Արցախի անկախութեան վաղաժամ ճանաչումը կրնայ վնաս հասցնել Ատրպէյճանի հետ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, եւ հնարաւոր է, որ Հայաստանը ենթարկուի միջազգային ճնշումի եւ պատժամիջոցներու: Բացի այդ, նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ եթէ Ատրպէյճանը պատերազմ յայտարարէ, Հայաստանը այդ ժամանակ պիտի ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները կը պնդեն, որ Արցախի ճանաչումը շատոնց հասունցած է եւ կը մեղադրեն կառավարութիւնը անոր անկախութիւնը պաշտօնապէս չրճանչնալուն համար: Անոնք նաեւ կը զարմանան, թէ ինչպէս կարելի է ակնկալել Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը այլ երկիրներու կողմէ, քանի դեռ Հայաստանը ինքը առաջինը չէ ճանչցած զայն: Մեկնելով այս փաստարկներէն, ընդդիմադիր «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան անդամները պար-

բերաբար բանաձեւ կը ներկայացնեն Հայաստանի Ազգային ժողով` Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու համար: Անկասկած, նման բանաձեւերը օրակարգ կը բերւին այն անկեղծ համոզումով, որ Հայաստանը պարտաւոր է ճանչնալ Արցախի ազատագըրւած տարածքը: Սակայն շատեր կը պնդեն, որ ընդդիմութեան իրական մտադրութիւնը ծանր կացութեան մէջ ձգել է կառավարութեան մեծամասնութիւնը, որուն անդամները յանդգնութիւն կ’ունենա՞ն դէմ քուէարկելու Արցախի անկախութեան: Նման բանաձեւերը անյարմար իրավիճակներ կը ստեղծեն ոչ միայն իշխանամէտ, այլ նաեւ միւս ընդդիմադիր պատգամաւորներուն համար, որոնք ստիպւած կ’ըլլան աջակցելու բանաձեւին, որպէսզի սխալ տպաւորութիւն չստեղծուի, թէ անոնք դէմ են Արցախի անկախութեան: Նոյեմբեր 13ին «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեան դարձեալ ներկայացուց նման բանաձեւ մը, որ վերջնական քուէարկութեամբ ստացաւ 10 կողմ եւ 0 դէմ ձայներ: թէեւ ոչ մէկը դէմ չէր քըւէարկած` բանաձեւը չընդունւեցաւ, քանի որ 131 պատգամաւորներուն մեծամասնութիւ-

նը որոշած էր պոյքոթել նիստը, չքուէարկելու համար ընդդէմ Արցախի անկախութեան: Զարմանալի է, որ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնեաները միանշանակ արձագանգեցին այդ օրինագիծին: Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին կապերու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան իր համաձայնութիւնը յայտնեց Հայաստանի խորհրդարանական մեծամասնութեան դիրքորոշումին. «Այս պահուն Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը նպատակայարմար չէ, քանի որ գոյութիւն ունին կարգ մը կարեւոր խնդիրներ»: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան եւս համաձայնութիւն յայտնեց, որ. «Ներկայ փուլին Արցախի ճանաչումը պիտի հակասէ Հայաստանի շահերուն, որովհետեւ ան պիտի դառնայ միակ երկիրը, որ ճանչցած է Արցախը` այժմ անբարենպաստ իրավիճակ ստեղծելով Հայաստանի համար»: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ էլման Ապտուլաեւը համաձայն է հայ պաշտօնեաներուն հետ. «Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալու մասին բանաձեւի քննարկումը Հայաստանի

խորհրդարանի կողմէ բացասաբար պիտի անդրադառնայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վրայ եւ պիտի խանգարէ այդ գործընթացին»: Ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Ֆիքրաթ Սատիխովը աւելի կոշտ արձագանգեց. «Նման ճանաչումը լուրջ մարտահըրաւէր է Ատրպէյճանին, որ, ի հարկէ, անպատասխան պիտի չմնայ: Երեւանը լաւ կը գիտակցի, որ նման քայլը Հայաստանի կողմէ կը համարուի կարմիր գիծի անցում, որ դեռ Ատրպէյճանը կը պահէ իր հողերը ազատագրելու համար ուժային եւ արմատական քայլերէն»: Սատիխով նաեւ աւելեցուցած է. «Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը հասկնայ, որ անջատողական վարչակարգի անկախութեան ճանաչումով արմատական պիտի դարձնէ եւ կը սրէ իրադրութիւնը եւ պիտի զայրացնէ միջազգային կազմակերպութիւնները եւ տարածաշրջանի պետութիւնները»: Հակառակ Արցախի ճանաչման հնարաւոր բարդ հետեւանքներուն` աշխարհասփիւռ հայութիւնը խանդավառօրէն կ’աջակցի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան: Սակայն նախընտրելի պիտի ըլլայ, որ նման օրինագիծերը խորհրդարանի քննարկման ներկայացւին բոլոր խմբակցութիւններու

համաձայնութիւնը ապահովելէն ետք միայն: Այլապէս, երբ խորհրդարանական ընդդիմադիր քանի մը պատգամաւորներ այս հարցը օրակարգ կը բերեն մեծամասնութեան ցանկութեան հակառակ, ապա կը թուի, որ անոնք զուտ հատուածական շահեր կը հետապնդեն` սխալ ազդանշան ուղարկելով Ատրպէյճանին եւ աշխարհի միւս երկիրներուն, թէ իբր Հայաստանը դէմ է Արցախի անկախութեան: Բացի այդ, նման բանաձեւերու ընդդիմախօսները, սովորաբար կը մեղադըրւին այս կարեւորագոյն հարցով կողմնակից ըլլալ Ատրպէյճանին, ատով իսկ խափանելով հայկական ջանքերը` ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը: Արցախի անկախութեան աջակցելու համար առաւել նախընտրելի ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական հզօրացումը, որպէսզի անոր ղեկավարները Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման պատեհ ժամը որոշելու ատեն շատ չմտահոգուին միջազգային դատապարտման եւ պատժամիջոցներու մասին:

ՅԱրՈւթ ՍԱՍՈւՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»

гñó³½ñáÛó §²ÉÇù¦Ç ѳñó³½ñáÛóÁª ÐÚ¸ ´ÇõñáÛÇ Ý»ñϳ۳óáõóÇã Ðñ³Ýï سñ·³ñ»³ÝÇ Ñ»ï --гë³ñ³Ï³Ï³Ý-ù³Õ³ù³Ï³Ý ßñç³Ý³ÏÝ»ñáõÙ ÙÇÝã ê»åï. 3Áª ãùÝݳñÏáõ³Í, µ³Ûó ³Û¹ Ãõ³Ï³ÝÇó Û»ïáÛ, ³ñ¹¿Ý ã³ñãñÏõ³Í ûٳ ¿ г۳ëï³ÝÇ Ø³ùë³ÛÇÝ ÙÇáõû³ÝÁ ÙdzݳÉáõ ѳñóÁ: лï³ùñùÇñ ¿ ÇٳݳÉ, Ç í»ñçáÛ, áñÝ ¿ ÐÚ¸Ç ¹ÇñùáñáßáõÙÁª سùë³ÛÇÝ ÙÇáõû³ÝÁ ÙdzݳÉ-ãÙdzݳÉáõÝ »õ ³éѳë³ñ³Ï ѳë³ñ³Ï³-ù³Õ³ù³Ï³Ý ÑÝã»óñ³Í ϳñÍÇùÝ»ñÇ Ù³ëÇÝ: -- Ø»Ýù Ù»ñ ï»ë³Ï¿ïÁ Ù³ÙáõÉáí å³ñ½»É »Ýù. Ù»Ýù ëϽµáõÝù³ÛÇÝ ËݹÇñ ãáõÝ»Ýù: ¶ïÝáõÙ »Ýù, áñ г۳ëï³ÝÇ ³Ýíï³Ý·áõû³Ý ûɳ¹ñ³ÝùÝ»ñÁ »õ ¿Ý»ñ·»ïÇÏ ¹Åáõ³ñáõÃÇõÝÝ»ñÁ ÏñÏݳÏÇûñ¿Ý »Ý ϳñ»õáñáõ٠سùë³ÛÇÝ ÙÇáõû³ÝÁ ÙdzݳÉáõ ³ÝÑñ³Å»ßïáõÃÇõÝÁ: ¿å¿ï ÙÇ ï»Õ ݳ»õ ÙÇ³Å³Ù³Ý³Ï ß»ßï»Ýù, áñ »õñáå³Ï³Ý ³ñÅ»ã³÷»ñÇÝ »ñÏÇñÁ ѳٳå³ï³ë˳ݻóÝ»Éáõ »õ ³Û¹ áõÕÕáõû³Ùµ ù³ÛÉ»Éáõ ³ÝÑñ³Å»ßïáõÃÇõÝ áõÝ»Ýù: àõÕ-

§ÆÙ å³ï³ë˳ÝÁ äáõïÇÝÇ ÝÙ³Ý ¿ª ã»Ù å³ï³ë˳ÝáõÙ¦

Õ³ÏÇ Ó·ïáõÙÁ ³Û¹ áõÕÕáõû³Ùµ ãå¿ïù ¿ ϳݷ ³éÝÇ Ï³Ù Ï³ÝËõÇ: ²Ûëûñáõ³Û Ùï³Ñá·áõÃÇõÝÝ»ñÁ, áñ Å³Ù³Ý³Ï ³é Å³Ù³Ý³Ï Ññ³å³ñ³ÏáõÙ ÑÝã»óõáõÙ »Ý, Ñ¿Ýó µËáõÙ »Ý ³ÛÝ ÷³ëïÇó, áñ ¹»é ß³ï å³ñ½ áõ Ûëï³Ï ã¿, áñ ¹³ ÇÝã å³Ûٳݳ·ñ»ñÇ, ÇÝã å³Ûٳݳõáñáõ³ÍáõÃÇõÝÝ»ñÇ Ñ»ï»õ³Ýùáí ¿ ϳ۳ݳÉáõ: ²Û¹ å³ï׳éáíª »ë ϳñÍáõÙ »Ù, áñ µÝ³Ï³Ý »Ý ³Û¹ Ëûë³ÏóáõÃÇõÝÝ»ñÁ, µ³Ûó ã»Ýù ßï³åáõÙ í»ñçÝ³Ï³Ý ¹ÇñùáñáßáõÙ áõݻݳÉáõ, áñáíÑ»ï»õ »ë ϳñÍáõÙ »Ù, áñ §çáõñÁ ãï»ë³Íª ãå¿ïù ¿ µáµÇϳݳɦ, å¿ïù ¿ ëå³ë»É ÙÇÝã»õ áñ ѳñó»ñÁ í»ñçÝ³Ï³Ý Ó»õ »õ Ï»ñå³ñ³Ýù ëï³Ý³Ý, áñÇó Û»ïáÛ ¿, áñ, µÝ³Ï³Ý³µ³ñ, å¿ïù ¿ í»ñçÝ³Ï³Ý Ëûëù ³ë»É: êϽµáõÝù³ÛÇÝ Ù³Ï³ñ¹³Ïáí Ù»Ýù ËݹÇñ ã»Ýù

ï»ëÝáõÙ »õ ѳٳӳÛÝ »Ýù:

-- гÝñ³Û³Ûï ·ñáÕ-Ññ³å³ñ³Ï³Ëûë ¼ûñÇ ´³É³Û»³ÝÁ ³Û¹ ³éÃÇõ »ñϳñ³ßáõÝã ݳٳÏáí ¹ÇÙ»É ¿ñ è¸ Ý³Ë³·³Ñ äáõïÇÝÇÝ, áñÁ ï³ñ³Ï³ñÍÇù Ùïù»ñÇ ï»ÕÇù ïáõ»ó: ƱÝã ϳë¿ù ³Û¹ Ù³ëÇÝ: -- ÖÇßïÝ ³ë³Íª »ë ã»Ù ѳëϳÝáõÙ ³Ûë ѳñóÇ ÝÙ³ÝûñÇÝ³Ï Ù»Í³óÙ³Ý å³ï׳éÁ: äáõïÇÝÁ Ýñ³ ݳٳÏÇÝ ãÇ å³ï³ë˳ݻÉ, áñÇÝ áõÕÕáõ³Í ¿ »Õ»É. Ù»Ýù ÇÝãá±õ å¿ïù ¿ ³ÝÁݹѳï å³ï³ë˳ݻÝù: γñÍáõÙ »Ù, áñ ³ÝßÝáñÑ³Ï³É ·áñÍ »Ýù ³ÝáõÙª ÇÙ å³ï³ë˳ÝÁ äáõïÇÝÇ ÝÙ³Ý ¿ª ã»Ù å³ï³ë˳ÝáõÙ: -- äñÝ. سñ·³ñ»³Ý, í»ñç»ñë Ýϳï»ÉÇ ¿ ÐÚ¸Ç ³ßËáÛÅ µ³Ý³Ïó³ÛÇÝ-»ñÏËûëáõû³Ý ·áñÍÁÝóóª ùñ¹³-

Ï³Ý áõÅ»ñÇ »õ Ïáõë³ÏóáõÃÇõÝ»ñÇ Ñ»ï: ƱÝã Ýáñ Ýϳï³éáõÙÝ»ñ ÏÁ ó³ÝϳݳÛÇù Ù³ïݳÝᯐ ëáÛÝ »ñ»õáÛÃÇ Ù³ëÇÝ: -- ¸Åáõ³ñ ¿ ÙÇ ù³ÝÇ ³Û¹ ѳݹÇåáõÙÝ»ñÁ áñ³Ï»É ǵñ»õ ³ßËáÛÅ µ³Ý³ÏóáõÃÇõÝÝ»ñ ϳ٠ѳݹÇåáõÙÝ»ñ: î³ñ³Í³ßñç³ÝáõÙ ³Ûëûñ ³Ù»Ý³Éáõë³õáñ Ï¿ïÁ ùñ¹³Ï³Ý

ß³ñÅáõÙÝ»ñÝ »Ýª áñå¿ë ³Ù»Ý³Éáõë³õáñ Ï¿ï, áñáÝù ÇÝãáñ ³éáõÙáí ϳñ»õáñ ³éÝãáõÃÇõÝ áõÝ»Ý Ù»½ Ñ»ïª ÝáÛÝ ³ß˳ñѳ·ñ³Ï³Ý ÙÇç³í³ÛñáõÙ, ÝáÛÝ Ñ³ñó»ñÁ ¹ÇÙ³·ñ³õáÕ, Û³×³Ë ÝáÛÝ å»ï³Ï³Ýáõû³Ý Ñ»ï ËݹÇñ áõÝ»óáÕ ß³ñÅáõÙÝ»ñ »Ýù, ÝáÛÝ ×³Ï³ï³·ÇñÁ áõÝ»óáÕ ÅáÕáíáõñ¹Ý»ñÇ Ù³ëÇÝ ¿ ËûëùÁ »õ »ë ϳñÍáõÙ »Ù, áñ ß³ï µÝ³Ï³Ý »Ý ³Û¹ ѳݹÇåáõÙÝ»ñÁ »õ ï»ë³ÏóáõÃÇõÝÝ»ñÁ: ²Ý(Þ³ñ.Á ¿ç IV)


IV

§ÆÙ å³ï³ë˳ÝÁ äáõïÇÝÇ ÝÙ³Ý ¿...

ARMENIA ²ÏݳñÏ

(Þ³ñ. ¿ç III-Ç)

µÝ³Ï³Ý ÏÁ ÉÇÝ¿ñ ³ÛÝ Å³Ù³Ý³Ï, »ñµ ³Û¹ ѳݹÇåáõÙÝ»ñÁ ãÉÇÝ¿ÇÝ, µ³Ûó ¹»é ß³ï Ñ»éáõ »Ýù, áñ ϳñáճݳÝù ³Ûë ³éáõÙáí í»ñçÝ³Ï³Ý Ëûëù ³ë»É:

-- ÆÝã忱ë ÏÁ µÝáõó·ñ¿Çù ÁݹѳÝñ³å¿ë ѳÛ-Çñ³Ý³Ï³Ý ÷áËÛ³ñ³µ»ñáõÃÇõÝÝ»ñÁª Ù³ëݳõáñ³å¿ë ÆÆÐ-áõÙ Ó»õ³õáñõ³Í Ýáñ ϳé³í³ñáõû³Ý ³éϳÛáõû³Ùµ: ƱÝã µ³ó»ñ ϳ٠µ³óÃáÕáõÙÝ»ñ ϳñ»ÉÇ ¿ Ù³ïݳÝᯐ í»ñáÛÇß»³É Û³ñ³µ»ñáõÃÇõÝÝ»ñÇ ÍÇñáõÙ: -- ºë ϳñáÕ »Ù ³ë»É, áñ ѳÛ-Çñ³Ý³Ï³Ý Û³ñ³µ»ñáõÃÇõÝÝ»ñÁ µÝáñáßõáõÙ »Ý Ýñ³Ýáí, áñ »ñÏáõ ÏáÕÙáõÙ ¿É ³éÏ³Û »Ý µ³ñÇ ó³ÝÏáõÃÇõÝÝ»ñ, »ñÏáõ ÏáÕÙáõÙ ¿É ³éÏ³Û »Ý ɳõ ïñ³Ù³¹ñáõÃÇõÝÝ»ñ, µ³Ûó ³Ûë Û³ñ³µ»ñáõÃÇõÝÝ»ñÁ Ñ»éáõ »Ý µ³õ³ñ³ñ ѳٳñõ»Éáõó: ì»ñçÇÝ Ñ³ßõáíª ß³ï ׳ݳå³ñÑ áõÝ»Ýù Ïïñ»Éáõ, áñå¿ë½Ç ³Û¹ Û³ñ³µ»ñáõÃÇõÝÝ»ñÁ Çñ³Ï³Ý Ëáñù, ³ñÙ³ï áõݻݳÝ, Æñ³ÝÁ ϳñáÕ³Ý³Û Ï³ñ»õáñ ï»Õ áõÝ»Ý³É Ù»ñ ³ñï³ùÇÝ ù³Õ³ù³Ï³Ýáõû³Ý »õ Ý»ñùÇÝ, í»ñçÇÝ Ñ³ßáõáí, ïÝï»ëáõû³Ý Ó»õ³õáñÙ³Ý »õ ³ÛÉ Ñ³ñó»ñÇ Ù¿ç ϳñ»õáñ ûñ³Ï³ñ·³ÛÇÝ ËݹÇñ ¹³éÝ³Û »õ ÝáÛÝÁ ¹³éÝ³Û Ð³Û³ëï³ÝÁ ÇÝã-áñ ÇÙ³ëïáí Æñ³ÝÇ Ñ³Ù³ñ, áñáíÑ»ï»õ ϳñÍáõÙ »Ù, áñ Æñ³ÝÁ Ù»Í Ï³ñ»õáñáõÃÇõÝ áõÝÇ Ð³Û³ëï³ÝÇ Ñ³Ù³ñ, µ³Ûó г۳ëï³ÝÁ »õë Ýáõ³½ ϳñ»õáñáõÃÇõÝ ãáõÝÇ Æñ³ÝÇ Ñ³Ù³ñ: Ø»Ýù µÝ³Ï³Ý ¹³ßݳÏÇóÝ»ñ »Ýù, é³½Ù³í³ñ³Ï³Ý ¹³ßݳÏÇóÝ»ñ »Ýù »õ ³Û¹ ³ÙµáÕçÁ ÙÇÝã»õ Çñ³Ï³ÝáõÃÇõÝ ¹³éݳÛ, Çñ³Ï³Ý áõÅ ¹³éݳ۪ »ñϳñ ׳ݳå³ñÑ áõÝÇ Ïïñ»Éáõ áõ »ë ϳñÍáõÙ »Ùª »ñÏáõ »ñÏñÝ»ñáõÙ ¿É ³ÝÑñ³Å»ßï ¿, áñ Íñ³·ñõ³Í Ýå³ï³Ï³ÛÇÝ ×Ç· Ç ·áñÍ ¹ñõÇ, áñå¿ë½Ç ³Û¹ Û³ñ³µ»ñáõÃÇõÝÝ»ñÁ ß³ï ³õ»ÉÇ Ëáñù³ÛÇÝ µÝáÛà áõݻݳÝ: -- ºõ í»ñç³å¿ë h³Û³ß˳ñÑÇ »õ Ù³ëݳõáñ³å¿ë ê÷ÇõéùÇ Ù»ñûñ»³Û ó³õáï ѳñóǪ ëÇñdzѳÛáõû³Ý ³ÝÙËÇóñ Çñ³íÇ׳ÏÇ Ù³ëÇÝ, ÇÝã忱ë Ïáõñáõ³·Í¿ù Ý»ñÏ³Û ·áñÍÁÝóóÝ»ñÝ áõ »Ýó¹ñõáÕ Ñ»é³ÝϳñÁ: -- ÖÇßïÝ ³ë³Íª ³ÛÝ, ÇÝã áñ å¿ïù ¿ Ññ³å³ñ³Ï³õ ³ë»Ù, ÙdzÛÝ å¿ïù ¿ ÉÇÝÇ µ³ñÇ ó³ÝÏáõÃÇõÝ, áñ å³ï»ñ³½ÙÁ ³õ³ñïáõÇ, áñ Ù»ñ ÅáÕáíáõñ¹Á ϳñáÕ³Ý³Û Çëϳå¿ë ³Ýó»³É ѳٳñÇ ³ÛÝ ¹Åáõ³ñáõÃÇõÝ»ñÁ, áñ áõÝ»ó»É ¿: êÇñdzѳÛáõÃÇõÝÁ Ù»ñ ³Ù»Ý³íï³Ý·õ³Í ßñç³ÝÝ ¿ ³Ûëûñ, µ³Ûó ݳ»õ ëÇñdzѳÛáõû³Ý ¹»ñÁª ѳÛÏ³Ï³Ý Çñ³Ï³Ýáõû³Ý Ù¿ç, Ù³ëݳõáñ³µ³ñ ê÷ÇõéùáõÙ ³ÝÙáé³Ý³ÉÇ ¿. Ñ¿Ýó ³ÛÝ ÷³ëïÁ, áñ Û³×³Ë ëÇñdzѳÛáõÃÇõÝÁ Ïáã»É »Ý Ù³Ûñ ѳٳÛÝùª ¹ñ³Ýáí ß³ï µ³Ý ¿ ³ëõáõÙ: ²Û¹ ÅáÕáíñ¹Ç ³Ýíï³Ý·áõû³Ý ѳñóÁ ³Ûëûñ ·»ñËݹÇñ ¿ »õ ³Û¹ ·»ñËݹñÇ Û³ñ³µ»ñáõû³Ý Ù¿ç Ù»Ýù, Ñ³Û ÅáÕáíáõñ¹Á Çñ å»ïáõû³Ùµ, Çñ ½³Ý³½³Ý ѳïáõ³ÍÝ»ñáí Éáõñç »õ ³Ù»Ýûñ»³Û ³Ý»ÉÇù áõÝÇ: ¸³ ÙÇç³½·³ÛÇÝ Ñ³Ýñ³ÛÇÝ Ï³ñÍÇùÇ íñ³Û ³½¹»Éáõ ³éáõÙáí, ¹³ Ù»Í å»ïáõÃÇõÝÝ»ñÇ, áñáÝù ¹»ñ³Ï³ï³ñ »Ý êÇñdzÛáõÙ, ³Û¹ å»ïáõÃÇõÝÝ»ñÇ Ñ»ï ×Çßï Û³ñ³µ»ñ³Ï³Ý ³ß˳ï³Ýù ï³Ý»Éáõ ³éáõÙáí, ¹³ª ûųݹ³ÏáõÃÇõÝÝ»ñÁ êÇñdz, ëÇñdzѳÛáõû³ÝÁ ѳëóÝ»Éáõ ³éáõÙÝ»ñáí »õ ³Ûëå¿ë ³ë³Í ëÇñdzѳÛáõû³Ý ³ñï³·³ÕÃ³Í Ñ³ïõ³ÍÝ»ñÇÝ ï¿ñ ϳݷݻÉáõ ³éáõÙÝ»ñáí: ²Ûë ³éáõÙáí Ù»Ýù Ù»Í ³ß˳ï³Ýù áõÝ»Ýù ³Ý»Éáõ: Ø»Ýù ·áñÍ áõÝ»Ýù ³Ý»Éáõ, áñáíÑ»ï»õ ëÇñdzѳÛáõÃÇõÝÁ ³Ûëûñõ³Û êÇñdzÛÇ å³ï»ñ³½ÙáõÙ, áñÁ Û³×³Ë Ý³»õ ï»ÕÇ áõÅ»ñÇ å³ï»ñ³½Ù ã¿, ³ÛÉ ¹ñëÇ áõÅ»ñÇ å³ï»ñ³½Ù ¿, êÇñÇ³Ý Ý³»õ ³Û¹ å³ï»ñ³½ÙÇ ½áÑ ¿ ¹³éÝáõÙ, ³Ûëûñ íï³Ý·õáõÙ ¿ Ýñ³ ѳݷÇëïÁ, Ýñ³ ·áÛáõÃÇõÝÁ: ºõ ë³ Ñ¿Ýó Ù³ïݳÝßáõÙ ¿, áñ ß³ï-ß³ï »ñÏñÝ»ñ, Ù³ëݳõáñ³µ³ñ ³ñ»õÙï»³Ý ÏáÕÙÝ ³ß˳ñÑÇ, áõÕÕ³ÏÇ å³ï³ë˳ݳïõáõÃÇõÝ »Ý ÏñáõÙ ëÇñdzѳÛáõû³Ý ѳٳñ, áñÁ ãáõÝÇ Ñ³õ³Ý³µ³ñ ³ß˳ñѳ·ñ³Ï³Ý ³ÛÝåÇëÇ ¹³ë³õáñáõÃÇõÝ »õ ³ÛÝåÇëÇ ÃÇõ, áñÁ ϳñáÕ³Ý³Û ³é³ÝÓݳµ³ñ Çñ ÇÝùݳå³ßïå³ÝáõÃÇõÝÁ ϳ½Ù³Ï»ñå»É: γñÍáõÙ »Ùª ëÇñdzѳÛáõû³Ý ³Ýíï³Ý·áõû³Ý ѳñóÁ »õ ëÇñdzѳÛáõû³Ý û·Ýáõû³Ý ѳñóÁ ݳ»õ å¿ïù ¿ ÉÇÝÇ ÙÇõë å»ïáõÃÇõÝÝ»ñÇ ûñ³Ï³ñ·Ç ѳñó. í»ñç³å¿ë, ëÇñdzѳÛáõû³Ý Çñ³íÇ׳ÏÁ ³é³õ»É ͳÝñ³óáÕ ËÕ×Ç Ñ³ñó ¿, »Ã¿ ³Û¹ ËÇÕ×Á ϳñáÕ »Ý áõÝ»Ý³É ³ÛÝ å»ïáõÃÇõÝÝ»ñÁ, áñáÝù ³Ûëûñ ¹»ñ³Ï³ï³ñ »Ý êÇñdzÛáõÙ: гñó³½ñáÛóÁ í³ñ»ó ²ðØÆܾ ¾ÈƲ¼º²Ü

Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar

4812-4993 www.hotelwilton.com.ar

ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 28 ÜáÛ»Ùµ»ñ 2013

Պ

թրքական բանակին մէջ ծառայող հայերու առօրեան

ոլսահայ լրագրող Արիս Նալճը 24 Ապրիլ 2011ի նախօրեակին թրքական բանակին մէջ ծառայող՝ սպաննուած հայ զինուոր, Սեւակ Պալըքճըի պարագան աւելի լաւ հասկնալու համար «թի 24»ի պլոկին մէջ անդրադարձած է թրքական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող երկրի քաղաքացի հայերուն: Բոլորը զինուորական ծառայութենէն յուշեր ունին: Ոմանք կ՛ըսեն. «Այդտեղ զիս տղամարդ դարձուցին», ոմանք ալ ծառայել չեն ուզեր: Նալճը կը գրէ. «Այստեղ կ՛ըսեն, թէ՝ «Ամէն թուրք զինուոր կը ծընի», սակայն մեր հայկական ինքնութիւնը չի համապատասխաներ այդ կարգախօսին: թերեւս եթէ ծառայութեան ընթացքին հայերու ապրածը հասկընանք, աւելի լաւ պիտի հասկընանք Սեւակ Պալըքճըի հետ տեղի ունեցածը»:

ՍԵւԱՆ Ք.

19 Յունուար 2007, ճաշասըրահի մէջ ենք: Հայաստանի սահմանին մօտ գտնուելու պատճառով ինքնութիւնս այստեղ յաճախ կը յիշեն: Այդ օր ճաշասրահի պատկերասփիւռի կայանէն լսեցինք Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին: Միացեալ Նահանգներու մէջ դպրոցը աւարտելով վերադառնալէ ետք, կը մտածէի՝ այստեղ շատ բան փոխուած է: Այդ օր աչքովս տեսայ, որ ոչինչ փոխւած է: Ճաշասրահին մէջ Հրանդի սպանութիւնը ժպիտով լսող

զինուորները քիչ կը մնար ուրախութենէն պարէին: Ոմանք կը խօսէին: Անոնց ամէն խօսքը տակաւին ականջիս է: Գիտեմ՝ դիտմամբ կ՛ընեն, որ լսեմ: Ինքզինքս կը զսպեմ, կը կլլեմ: Յաջորդ օրը հրամանատարը կը կանչէ. «Տղա՛ս, տե՛ս, եթէ բան մը ըսեն, մօտս եկուր»:

ԳէՈրԳ Դ.

Ճաշասրահի մէջ եմ: Ճաշասրահը ինծի վստահած են, հաշիւները ես կ՛ընեմ: Կիպրոսի մէջ (Կիպրոսի թրքական հատւածին մէջ) եմ: Վերադաս սպան ամէն օր ինձմէ հաշիւ կը պահանջէ: Ամէն հաշիւ պահանջելու ատեն ալ թոսթ կ՛ուզէ: Երբեմն կը վճարէ, իսկ շատ անգամ՝ ոչ: Ամէն շաբաթ կու գայ հաշիւը ստուգելու եւ թոսթին գինը չվճարելուն պատճառով գումարը պակաս կ՛ըլլար: «Ինչո՞ւ գումարը պակաս է», կը բարկանար: Հայ ըլլալս անունէս յայտնի է, նոյնիսկ եթէ մականունս «եան» չունի: Այդ թոսթի գումարին պատճառով ծնօտըս կոտրեցին: Քանի մը շաբաթ հիւանդանոց մնացի: ծնօտըս կտրողն ալ հիւանդանոցին մէջ ինծի կ՛այցելէր: «Դասըդ առի՞ր», կը հարցնէ, որուն կը պատասխանեմ. «Ո՛չ»: Այս անգամ թեւս կը կտրէ: Շաբաթ մը եւս հիւանդանոցին մէջ…

ԼԵւՈՆ թ.

Ես վճարովի ծառայող էի: Գանատայէն եկած էի: Շարուած ենք, մեր անունները կը հարցնեն: Վերադաս սպան ինծի

«Լէոն» կ՛ըսէ, յետոյ կը հարցնէ. «Լէոն, ասիկա ի՞նչ անուն է»: «Հայ եմ»՝ կը պատասխանեմ: Միւսները խէթ-խէթ կը նային: Ինչո՞ւ Հայաստանէն եկած եւ այստեղ կը ծառայէ: Վերադաս սպան կը պատասխանէ. «Դուք ի՞նչ մարդ էք, ան թուրքիոյ քաղաքացի է: Դուք ձեր տան մէջ քրտերէն կը խօսիք, իսկ ան՝ թրքերէն: Չէ՞, Լէոն», կ՛ըսէ ան, եւ ես չեմ կրնար կողմնորոշւիլ՝ ի՛նչ պատասխանել: Ան զիս կը պաշտպանէ՞ր, թէ՞ կ՛ըսէր՝ «Քաղաքացի՛, թրքերէ՛ն խօսէ»:

ՀԱՅԿՕ ՊԱՂՏԱթ

1996-1998ին ծառայած եմ: Պատերազմի ամէնէն տաք շըրջանն էր: 1996ին Տերսիմի կիսազինուորական ոստիկանութեան վրայ յարձակում կատարուած էր: Մեզ այդտեղ ուղարկեցին: Դժուար ժամանակներ էին: Անգամ մը ենթասպայ մը անունս հարցուց: «Հայկօ», պատասխանեցի: «Ինչո՞ւ Հայկօ», հարցուց, որուն իբրեւ պատասխան՝ ըսի, որ հայ եմ: Որոշ ժամանակ ետք հարցուց թլփատուա՞ծ եմ, թէ՞ ոչ. ըսաւ, որ չթլփատուած զինւորներուն ծառայութեան ընթացքին թլփատելու ծառայութիւն գոյութիւն ունի: Ըսի, որ պէտք չէ: Ատկէ ետք շուրջ մէկուկէս շաբաթ զիս տարբեր ճամբաներով կը համոզէր թլփատուիլ, իսկ ետքը տեղեկացուց. «թլփատուելու անհրաժեշտութիւն չկայ»: ԱրԻՍ ՆԱԼՃ Պոլսահայ լրագրող

Կը հաստատէ...

(Þ³ñ. ¿ç I-Ç)

թեան ու փոխըմբռնման ամրապնդման, ինչպէս նաեւ դրական խթան պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի յառաջխաղացման համար», ըսած է Քոժարա: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ նման բնոյթի բանակցութիւնները խաղաղութեան ու կայունութեան հիմք կու տան եւ շրջանային համագործակցութեան համար նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն: Քոժարա նաեւ աւելցուցած է, որ Ուքրանիա պատրաստ է ապագային եւս ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ միասին աջակցելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի միջազգային օրէնքի վրայ հիմնըւած խաղաղ լուծման հասնելու համար:


Turn static files into dynamic content formats.

Create a flipbook
Issuu converts static files into: digital portfolios, online yearbooks, online catalogs, digital photo albums and more. Sign up and create your flipbook.