Ú³ÛïÝ»ó ²ñÙ¿Ý èáõëï³Ù»³Ý
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.527 - 13 ö»ïñáõ³ñ 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
Ո
Մերքել պատմութեան հետ առերեսուելու կոչ կ՛ընէ զինք «խրատող» Էրտողանին
ւրբաթ, Փետրուար 7ին, թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը գրէ, որ այս շաբթուան ընթացքին Պերլին այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ Հայկական Հարցին շուրջ խօսակցութիւն մը ունեցած է։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ այս նիւթը երկու կողմերուն միջեւ ցուրտ մթնոլորտ ստեղծած է։ Նիւթը բացած է Էրտողանը՝ ըսելով. «Գիտենք, որ 1915ի դէպքերու 100ամեակին կապակցութեամբ ձեր երկրին մէջ յառաջիկայ տարուան ընթացքին ձեռնարկներու համար գումար մը կը յատկացուի։ Կը յանձնարարեմ, որ այս նիւթին գծով աւելի ուշադիր վարուիք։ Կատարուելիք յատկացումներուն համար պէտք է ազդարարէք ձեր խմբակը»։ Մերքել, տրուած այդ «յանձնարարութեան» պատասխանած է՝ հետեւեալը ըսելով. «Գերմանիան ժողովրդավար երկիր մըն է։ Չենք կրնար միջամտութիւն կատարել։ Թուրքիա պէտք է իր պատմութեան
հետ դէմ յանդիման գայ։ Պէտք չէ իրարու հետ բաղդատենք Հայաստանի մէջ ապրող հայերըն ու աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ապրելու ստիպողութեան տակ գտնուող հայերը։ Հայաստանի հայերը շատ դժուար կացութեան մէջ են։ Թուրքիա պէ՛տք է բանայ Հայաստանի հետ իր սահմանները»։ Էրտողան այս պատասխանին դիմաց կրկնած է նոյն յանկերգը՝ ըսելով. «Դուք մեզի ընդունիլ կը պարտադրէք բան մը, զոր մենք չե՞նք ըրած։ Մենք մեր բոլոր արխիւները բացած ենք պատմաբաններուն առջեւ։ Ամ-
բողջ աշխարհին կոչ ուղղեցինք, «Եկէ՛ք, ուսումնասիրեցէ՛ք» ըսինք։ Բայց ո՛չ մէկը եկաւ։ Թուրքիոյ դէմ անիրաւութիւն մի՛ ընէք»։ Թերթը կը գրէ նաեւ, որ Մերքել Էրտողանին հարց տուած է նաեւ, թէ ան հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու պիտի ըլլա՞յ։ Էրտողան այս հարցումէն «քիչ մը ցնցըւած է» ու պահ մը մտածելէ ետք՝ պատասխանած է. «Այս պահուն առաջնահերթ են Մարտ 30ի (տեղական) ընտրութիւնները։ Նախագահութեան նիւթը կը քննարկենք, երբ ժամանակը գայ»։
տական տալ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուող յարձակողական քայլերուն։ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական միութիւններու անդամները ժամը 11.30էն համախմբուած էին նախարարութեան շէնքին մուտքին. երբ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ժագ Ֆորը (Ֆրանսա) եւ Ճէյմզ Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը մօտեցան շէնքին՝ անոնք սկսան բացագանչելու. «Ո՛չ կեղծաւոր քաղաքականութեանը», «Ո՛չ երկակի ստանդարտներին»։ Ցոյցին մասնա-
կիցները նաեւ բարձրացուցած էին համանախագահներուն մայրենի լեզուներով (անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն) «Ո՛չ անարդար քաղաքականութեան, որ կը սատարէ Ատրպէյճանի յարձակողականութեան» գըրութեամբ պաստառներ: Մինչ այդ, համանախագահներուն ժամանումէն առաջ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան յայտարարեց, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերը հաւասարապէս մեղադրելու համանախագահներուն դիրքորոշումը ոչ թէ խաղաղութեան գործընթացին կը նպաստէ, այլեւ՝ Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն:
Մինսկի Խումբի համանախագահները Երեւանի մէջ դիմաւորուեցան բողոքի ցոյցերով
Ե
ՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Նիուզ», «Արմէնփրէս».– ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն 5 Փետրուարի երեւանեան աշխատանքային այցելութիւնը սովորական չանցաւ: Արտաքին գործոց նախարարութեան մուտքին անոնք դիմաւորուեցան խումբ մը երիտասարդներու կողմէ, որոնք իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնէին հայ–ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերուն գծով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն չէզոք դիրքորոշման առնչութեամբ: Երիտասարդները համանախագահներէն կը պահանջէին վերջ տալ կեղծ հաւասարութեան քաղաքականութեան եւ համապատասխան գնահա-
«Հայաստանի մէջ վիճակը պայթունավտանգ է»
Հինգշաբթի, 6 Փետրուարին, Ազգային ժողովի աւանդական հարցում-պատասխան բաժինի ընթացքին` անդրադառնալով Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի այն յայտարարութեան, որ որեւէ ձեւաչափով պատրաստ է նստելու եւ քննարկելու կազային պայմանագիրներու ուսումնասիրման հարցը, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ դեռ յստակ չէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «նստիլ, քննարկել»: «Մենք նախապէս այդքան առաջարկներ կատարեցինք նըստիլ-քննարկելու վերաբերեալ, բայց բոլորը մերժուեցան: Յ. Աբրահամեան ի՞նչ նկատի ունի, ես չեմ գիտեր, մենք պատրաստ ենք այսպիսի քննարկումներու, խնդիր չունինք, աւելի լաւ է քայլ առնուի, քան հարցը փակուղի մտնէ: Ժողովուրդին համար կարեւոր հարց է կազի վերաբերող հարցը: Եթէ քաղաքական կամք դրսեւորեն, մենք պատրաստ ենք: Բայց եթէ ատիկա պիտի կատարուի քարոզչական նպատակով, իմաստ չունի, անգամ մը եւս հիասթափութիւն պիտի առաջացնէ»: Ռուստամեան ընդգծեց, որ երբ իշխանութիւնը ոչ իշխանական ուժերուն կողմէ ներկայացուած որեւէ առաջարկ կը մերժէ, ժողովուրդը աւելի ու աւելի կը հասկնայ կատարուածը, եւ որ օրակարգին վրայ կը մնայ միայն մէկ հարց` իշխանափոխութիւնը: Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ խնդիրները կուտակուելով եւ հասուննալով իրենց արդիւնքները կու տան հասարակութեան մէջ: Ոչ իշխանական քաղաքական չորս ուժերը իրենց օրակարգէն պիտի չհրաժարին: «Կայ իշխանափոխութեան նպատակ, բայց ինչպէ՞ս հասնիլ անոր, ի՞նչ բովանդակութեամբ, ինչպէ՞ս ընել, որ նոր եկող իշխանութիւնները նոյն սխալները չկրկնեն, ատիկա տակաւին քննարկման հանգրուանի մէջ կը գտնուի: Պէտք է ձեւաւորուի այնպիսի համակարգ մը, որ ժողովրդավարական աւանդոյթները արմատներ նետեն: Այնպէս որ չորս ոչ իշխանական քաղաքական ուժերը կ՛աշխատին իրարու հետ` գտնելու համաձայնութեան եզրեր: Դեռ կան տարակարծութիւններ, բայց եթէ չենք հասած մեծ համաձայնութեան, գոնէ պէտք է առանձին հարցեր գտնել եւ միասին յառաջ շարժիլ, ատիկա արդիւնաւէտ ճամբայ է: Կը փորձենք այդպէս յառաջանալ»: Իշխանութիւնը, ըստ Ռուստամեանի, ոչ իշխանական ուժերը պառակտելու քարոզչութիւն կը կատարէ, իշխանաւորները ջանք չեն խնայեր այդ միասնութիւնը պառակտելու համար, որովհետեւ ատիկա անոնց ձեռնտու է, ձեռնտու չէ ընդդիմութեան ու հասարակութեան միաւորումը բարեկիրթ եւ յստակ հարցի մը շուրջը: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք թէժ գարուն կը սպասուի՞ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը այնպիսին է, որ կացութեան սրումը եղանակային բնոյթ չունի. այս ձմեռն ալ նուազ թէժ չէր, եւ պէտք չէ ատիկա կլիմայական պայմաններուն հետ կապել, հարցերը այնքան կը թէժանան, որ որեւէ պահու կրնան պայթում յառաջացնել: Իշխանութիւնները այդ իրավիճակը չեն տեսներ եւ ամէն բան բնականոն կը նկատեն, աւելցուց ան: Ինչ կը վերաբերի Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի հաւաքին միանալ-չմիանալու հարցին` Ռուստամեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը որոշում պիտի տայ օրակարգին ծանօթանալէ ետք:
«Եկել ենք ասելու, որ հաւասարութեան նշան չդնեն սահմանագծին Ադրբեջանի եւ Հայաստանի գործողութիւնների մէջ», յայտնեց ան: «Նիկոլ Աղբալեան» միութիւնը նաեւ կոչ ուղղած էր քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններուն՝ անկախ քաղաքական դիրքորոշումէն եւ մօտեցումներէն, միանալու իրենց բողոքի ցոյցին եւ միասնական դիրքորոշում արտայայտելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կեցուածքի վերաբերեալ: Ըստ «Նիուզ»ի՝ քաղաքական ոչ մէկ այլ կուսակցութեան ներկայացուցիչներ մասնակից էին ցոյցին։ «Արմէնփրէս»ին հետ ունե-
ցած զրոյցին ընթացքին ցոյցի կազմակերպիչ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» միութեան անդամները դիտել տուին, որ իրենք եկած են իրենց բողոքը արտայայտելու՝ համանախագահներուն մօտեցումներուն առնչութեամբ։ «Սահմանին անընդհատ հնչում են կրակոցներ: Ադրբեջանական կողմը խախտում է հրադադարի ռեժիմը, հրաժարւում է հեռացնել դիպուկահարներին սահմանից, մինչդեռ համանախագահները, ովքեր կոչուած են խնդիրը կարգաւորել խաղաղ բանակցային ճանապարհով, համահարթեցման քաղաքականութիւն են տանում եւ ագրեսորին սաստելու փոխարէն կողմերին կոչ անում պահպանել զսպուածութիւն», նշած են անոնք:
ARMENIA
II
Âáõñùdz
²ÝÃÁÉdzë
Պոլսոյ հայկական վարժարանները բազմաթիւ հարցեր կը դիմագրաւեն
Ø»ÍÇ î³ÝÝ ÎÇÉÇÏÇáÛ ²ñ³Ù ². γÃáÕÇÏáë
«Հայ ժողովուրդը կը մերժէ մարդու իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանին որոշումը»
Ո
ւրբաթ, 7 Փետրուար 2014ի առաւօտ Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ` ընդունելով Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը խստիւ կը մերժէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի որոշումը` թուրք Տողու Փերինչեքի հարցին գծով: Արդարեւ, սխալ տուեալներու եւ միակողմանի մօտեցումներու վրայ հիմնուած այս որոշումը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան գծով Եւրոպայի այլ երկիրներու մօտեցումներուն վրայ», շեշտեց վեհափառը միաժամանակ յայտնելով, որ «Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումը ոչ միայն հարցականի տակ կ՛առնէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ նաեւ` բոլոր ցեղասպանութիւններուն: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը կը զօրակցի Զուիցերիոյ պետական իշխանութեան, որ դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի գերագոյն ատեանին` շրջելու որոշումը»: Բաժնելով հայ ժողովուրդի արդար ընդվզումը` Զուիցերիոյ դեսպանը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ ինք քաջատեղեակ է յիշեալ հարցէն, եւ թէ Զուիցերիոյ բոլոր դեսպանատուները արդէն իսկ սկսած են այս ուղղութեամբ բողոքներ ստանալ: Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ կապ հաստատեց Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահին հետ, որպէսզի անոնք եւս իրենց բողոքը յայտնեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումին դէմ, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն` զուիցերիական իշխանութիւններուն` մերժելու յիշեալ որոշումը, դիմելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի գերագոյն ատեանին:
Âáõñùdz
Հայ համայնքին վերադարձուած է տարիներ առաջ բռնագրաւուած ամէնէն մեծ կալուածը
Ա
կօս» շաբաթաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հայ համայնքին վերադարձուած է տարիներ առաջ բռնագրաւուած ամէնէն մեծ կալուածը` Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին յարակից հողատարածքը` 42.259 քառակուսի մեթր: Հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարած է, որ շատ ուրախ են այդ ձեռքբերման համար: «Տարիներ տեւած մեր պայքարն ու երազները վերջապէս իրականութիւն դարձան: Թուրքիոյ հայ համայնքը իր կարեւորագոյն սեփականութիւններէն մէկուն վերատիրացաւ: Այդ ձեռքբերումը մեր հիմնադրամի եւ հանրութեան համար շատ կարեւոր էր: Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք այս իմաստով մեզի օգնած են», ըսած է ան: Հողաշերտը բռնագրաւուած էր 1974ին: Առտու մը պուլտոզըրները մտած էին տարածք` պատճառաբանելով, որ, ըստ փաստաթուղթերու, այդ տարածքը տէր չունի:
Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar
4812-4993 www.hotelwilton.com.ar
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 13 ö»ïñáõ³ñ 2014
ÂáõñùÇáÛ Ù¿ç ³Ûëûñ ·áÛáõÃÇõÝ áõÝÇÝ ÙdzÛÝ 16 ѳÛÏ³Ï³Ý ¹åñáóÝ»ñ »õ 3.000 Ñ³Û ³ß³Ï»ñïÝ»ñ: 16 ¹åñáóÝ»ñÝ ³É ÏÁ ·ïÝáõÇÝ äáÉëáÛ Ù¿ç, áõñ ÂáõñùÇáÛ 60 ѳ½³ñ ѳÛáõû³Ý ٻͳٳëÝáõÃÇõÝÁ ÏÁ µÝ³ÏÇ: ºñ»ëáõÝ ï³ñÇ ³é³ç ³Û¹ ¹åñáóÝ»ñáõÝ ³ß³Ï»ñïáõû³Ý ÃÇõÁ Ý»ñÏ³Û ÃÇõÇÝ ÏñÏݳå³ïÇÏÝ ¿ñ: γóáõÃÇõÝÁ ³ÙµáÕçáíÇÝ ï³ñµ»ñ ¿ñ úëٳݻ³Ý ųٳݳϳßñç³ÝÇ í»ñçÇÝ Ñ³Ý·ñáõ³ÝÇÝ, »ñµ ³ÙµáÕç ï³ñ³ÍùÇÝ ·áÛáõÃÇõÝ áõÝ¿ÇÝ ßáõñç 2.000 ѳÛÏ³Ï³Ý í³ñųñ³ÝÝ»ñ »õ ³õ»ÉÇ ù³Ý 170 ѳ½³ñ ³ß³Ï»ñïÝ»ñ:
Թ
րքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ Փոլ Պենճամին Օսթըրլանտ կը գրէ, թէ վերջերս յայտնի դարձած է, որ Թուրքիոյ մէջ նախակրթարանէն երկրորդական կրթութեան փոխանցման յատուկ քննութեան ներկայացած ոչ իսլամ աշակերտները կը պատժուին` չըպա տասխանելով կրօնական, մշակոյթի եւ բարոյական գիտութեան բաժինի յատուկ հարցումներուն: Իրողութեան մէջ, ոչ իսլամները այդ քննութիւնը չեն կատարեր: Գործուած սխալը հետագային Կրթութեան նախարարութեան կողմէ սրբագրուեցաւ, երբ փոքրամասնութեանց դպրոցները գանգատ ներկայացուցին: Սակայն նախքան այդ, հայ աշակերտներու շրջանակին մէջ նկատառելի իրարանցում տիրեց: Այսպիսի հարցերը փոքր հարցեր են, որոնք խորքին մէջ հայկական դպրոցներուն ներկայիս դիմագրաւած աւելի մեծ խնդիրները կ՛արտացոլացընեն: Թուրքիոյ հայկական դըպրոցները նիւթական եւ իրաւական մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Այլ հիմնական արգելք մըն է նաեւ այս հարցերը մամուլին մէջ բացայայտ կերպով արծարծելուն պատճառով պատժամիջոցներու ենթարկուելու վախը: Հայ կրթական մշակներու կարծիքով, ոչ իսլամական համայնքներուն ու անոնց հաստատութեանց դէմ խտրականութիւնը տակաւին արմատացած կը մնայ պետական համակարգին մէջ: «Զաման» այցելած է երկու դպրոցներ եւ զրուցած շարք մը ուսուցիչներու ու տնօրէններու հետ, որոնց մեծամասնութիւնը խնդրած են իրենց անունները չհրապարակել: Անոնք բացատրած են, որ կը վախնան առանց պաշտօնական արտօնութեան մամուլի հետ կապի մէջ մտած ըլլալու համար Կըրթութեան նախարարութեան կողմէ հետաքննուելէն: Միջնակարգ դպրոցի մը տնօրէնը բացատրած է, որ հայ-
կական վարժարանները արտառոց կացութեան մէջ են, որովհետեւ ո՛չ անձնական, ո՛չ ալ պետական դպրոց նկատւած են: Հայերուն, յոյներուն եւ հրեաներուն, որոնք Թուրքիոյ երեք «պաշտօնական» փոքրա-
մասնութիւններն են, արտօնւած է իրենց կրօնական եւ կրթական հաստատութիւնները ունենալ, սակայն մեծ սահմանափակումներով: Հայկական վարժարան կըրնան յաճախել միայն այն թուրք քաղաքացիները, որոնց ծնողներէն առնուազն մէկը հայ է: Պետութիւնը կը նշանակէ դըպրոցին փոխտնօրէնը, ինչպէս նաեւ թրքական պատմութեան, լեզուի, գրականութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչները: Անոնք իրենց ամսականները կը ստանան պետութենէն, մինչ մնացեալ ծախսերը կը մնան ծնողներուն, անհատ նուիրատուներու եւ ֆոնտերու ուսերուն: Դպրոցներէն պահանջուած է աշակերտները ընդունիլ` անկախ այն իրողութենէն, թէ կրթաթոշակը կրնան վճարել, թէ ոչ, ինչ որ մնայուն լարուածութեան եւ ելեւմտական բեռի աղբիւր մըն է: Թուրքիոյ մէջ այսօր գոյութիւն ունին միայն 16 հայկական դպրոցներ եւ 3.000 հայ աշակերտներ: 16 դպրոցներն ալ կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, ուր Թուրքիոյ 60 հազար հայութեան մեծամասնութիւնը կը բնակի: Երեսուն տարի առաջ այդ դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը ներկայ թիւին կրկնապատիկն էր: Կացութիւնը բոլորովին տարբեր էր Օսմանեան ժամանակաշրջանի վերջին հանգըր-
ւանին, երբ ամբողջ տարածքին կային շուրջ 2.000 հայկական վարժարաններ եւ աւելի քան 170 հազար աշակերտներ: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան հայերը գլխաւորաբար կը բնակէին ներկայ արեւելեան նահանգներուն մէջ: Ատկէ նուազ քան տասնամեակ մը ետք, այդ թիւը նուազած էր նըւազ քան կէս միլիոնի: 1915ին հարիւր հազարաւոր օսմանցի հայեր արմատախիլ եղան եւ դէպի Սուրիոյ անապատները բռնի քշուեցան: 1923ին` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատումէն ետք, հայերուն թիւը շարունակեց նուազիլ շարք մը քաղաքականութիւններու եւ ոչ իսլամ համայնքները թիրախ դարձնող դէպքերու պատճառով: 1942ի հարստութեան տուրքի նպատակը Համաշխարհային Բ. պատերազմի Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ֆինանսաւորելն էր, սակայն անհամեմատ կերպով գործադրուեցաւ ոչ իսլամներուն վրայ: Կալւածներ գրաւուեցան ու աճուրդով ծախուեցան, իսկ անոնք, որոնք վճարելու անկարող էին, Էրզրում նահանգին մէջ աշխատանքային ճամբար ուղարկուեցան: Այլ տնօրէն մը յայտնած է, որ իրենք ելեւմտական եւ կրթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, եւ պետութիւնը երբեք չէ աջակցած իրենց: Հայերը ինքնութեան մեծ հարց մը կը դիմագրաւեն: Անոնց չէ արտօնուած հայոց պատմութեան առնչուող որեւէ բան դասաւանդել: Հայերէնով արտօնուած նիւթերը լեզու եւ գրականութիւն են միայն: Անոնք չեն կրնար թրքական պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչները ընտրել: Այս ուսուցիչները կ՛ուղարկուին կրթութեան նախարարութեան կողմէ: Կացութիւնը ներկայիս մասամբ աւելի լաւ է, որովհետեւ հայկական դպրոցներուն մէջ (Þ³ñ.Á ¿ç IV)
ARMENIA
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 13 ö»ïñáõ³ñ 2014
Âáõñùdz
Ð.Ú.¸. Ð.Ú.¸. ´ÇõñáÛÇ Ý»ñϳ۳óáõóÇã Ðñ³Ý¹ سñ·³ñ»³ÝÇ »ÉáÛÃÁ
ä»ïñáë (ä»ïû) Ô»õáݹ»³ÝÇ ÍÝݹ»³Ý 50³Ù»³ÏÇ ÙÇçáó³éÙ³ÝÁ
Ա
Իրական հրամանատարը
յսօր մեր Պետոյի, ընկեր Պետոյի ծննդեան 50ամեակն է. իսկ այս տարի նրա մահուան 20րդ տարելիցն է։ Բայց որքան թարմ է մեր յիշողութեան մէջ նա։ Մեր յիշողութեան մէջ հաճախ միասին են՝ Պետոն, Կարոտը և Հրաչը։ Այժմ երեքն էլ վերածւել են խորհրդանիշի. գերւած Կարօտը՝ գերուած Շահումեանի ու Գետաշենի, դեռեւս պաշտօնապէս հերոսի կոչում չստացած, բայց իրա՛վ Հերոս Պետոն՝ յաղթանակած Արցախի, որ իր իրաւական յաղթանակին է սպասում, իսկ Հրաչը՝ թշնամուն յաղթած, սակայն զոհ դարձած վատին ու ստորին, պետականութեան անարդար պայմաններում ու ազգային ինքնուժը մսխող մեր իրականութեան մէջ։ Նրանց յիշատակը մեզ մօտ վառ է ու առօրեայ, յատկապէս երբ դեռ գերուած է հայկական հողը, երբ դեռ թշնամին նենգ ներկայութիւն է մեր սահմաններին, երբ մեր կեանքում դեռեւս չկայ արդարութիւն, չկայ զորեղ, կազմակերպուած, արդարամիտ եւ հոգատար հայկական պետականութիւն։ Կարօտը, Պետոն, Հրաչը ու նրանց հետ հազարաւոր մեր ընկերները Արցախի ազատամարտին մասնակցեցին՝ ժողովրդային պոռթկումը քարերով կռուից հասցնելով Ազգային Ազատագրական Պայքարի մակարդակի։ Ինքնապաշտպանական խմբերից մինչև պարտիզանական խմբեր եւ մինչև հայոց Բանակի ստեղծում ու Արցախի ազատագրում։ Պետոն ներկայ է եղել Արցախի ազատագրական պայքարի բոլոր հանգրուաններում։ Նա հենց այնպէս ներկայ չի եղել Արցախի ազատամարտում։ Առաջին օրից նա իր զինակից ընկերների հետ ծրագրել, կազմակերպել, իրականացրել եւ ոգի է տուել այդ պայքարին։ Անկախ նրանից եղել է շարքա-
յին զինուոր, դասակի հրամանատար, թէ գումարտակի փոխհրամանատար, նա միշտ էլ եղել է մեր բոլորի հրամանա-
տարը, իրակա՛ն հրամանատարը։ Իր անմնացորդ նուիրումով, անհատնում էներգիայով, համեստ պահուածքով նա կենդանի օրինակ էր բոլորի համար, մարդ՝ որ հրամանատարութիւնը չէր պարտադրում ձեւական պահուածքով ու պաշտօնականութեամբ, այլ՝ իր իսկ օրինակով եւ առանց զգացնել տալու՝ մղում էր զինուորին իրականացնելու բոլոր հրամանները։ Մեր ընկերները՝ Պետոյի, Հրաչի, Թաթուլի, Արթուրի, Վարդանի եւ միւս հարիւրաւոր մեր նահատակ ընկերների գլխաւորութեամբ մարտի դուրս եկան, որպէսզի ազատագրեն հայկական հողը, որպէսզի վերջ դնեն հայ ժողովրդի 9 դարեայ անկման ընթացքին, որպէսզի յաղթեն անարդարութեանը, թշնամուն, որպէսզի այլեւս մեզ ոչ ոք ու նաեւ մենք մեզ չընկալենք իբրեւ կոտորւող, գաղթող ժողովուրդ, այլ՝ մարտնչող մի ժողովուրդ, որ ընդունակ է յաղթելու իրենից շատ աւելի մեծ ուժին, որ կարող է իր հայրենի գիւղերն ու աւանները ազատագրել, կա-
III
րող է Արաքսն էլ անցնել ու վերջապէս՝ մի օր իրականութիւն դարձնել Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստանի ազգային երազանքն ու նպատակը։ Մեր կազմակերպութեան ներքին շաղախը ծրագրի, Կանոնագրի, արժէքների հետ միասին եղել են մեր նահատակները։ Մենք դեռ օրին յայտարարել ենք՝ մեր գերխնդիրը Արցախն է եւ մենք հաւատարիմ ենք մնացել մեզ, այսօր էլ նոյնըն է եւ ոչ մի բան չի կարող պատճառ հանդիսանալ՝ որ մենք կորցնենք այն ինչ ձեռք ենք բերել մեր ընկերների կեանքի գնով։ Մենք սովորել ենք Հայրենիքին ծառայել անմնացորդ նուիրուածութեամբ, մենք ոչ մէկի համար չենք կռուել, այն ինչ արել ենք՝ արել ենք մեր Հայրենիքի ու ժողովրդի համար։ Մեր կատարած գործը մեզ արտօնութիւններ չի տալիս, մենք մեր հպարտութիւնը սակարկութեան նիւթ չպէտք է դարձնենք, մենք ապրում ենք մեր ժողովրդի պէս ու նրա հետ միասին պէտք է ազատագըրւենք բոլոր տեսակի կապանքներից, նրա հետ միասին պէտք է բարելաւենք մեր կեանքը։ Թող ոչ ոք, խաղաղ այս պայմաններում, չշեղուի այն բարոյական ուղուց, որ Պետոների հետ քայլել ենք միասին, թող ոչ ոք ականջ չկախի հակակուսակցական քարոզչութեանը, հակակուսակցականութիւնը ևս կուսակցականութիւն է։ Թող ոչ ոք ազատամարտիկների անունը շահարկելով չփորձի նոր կուսակցականութիւն խաղալ։ Այն դրոշը որ մեզ առաջնորդեց Արցախի ազատագրութեան, այդ նոյն դրոշը մեր երկրում հաստատելու է արդարութիւն, ազգային պետականութիւն և բարօրությիւն։ Փառք բոլոր նահատակներին։ Փառք մեր նահատակ ընկերներին։ Փառք Պետոյին։
ՓՔՔ-ի առաջնորդ Ապտուլլահ Էօճալան Իմրալըի բանտէն նամակ՝ Հայ Ժողովուրդին §²Îúê¦, 31 ÚáõÝáõ³ñ 2014.-- öøøÇ ³é³çÝáñ¹ ²åïáõÉÉ³Ñ ¾û×³É³Ý ÆÙñ³ÉÁÇ µ³Ýï¿Ý äîöÇ å³ï·³Ù³õáñ êÁññÁ êÇõ¿Û»³ ¾ûÝï¿ñÇ ÙÇçáó³õ §²Ïûë¦Ç áõÕ³ñÏ³Í Ý³Ù³ÏÇÝ Ù¿ç ÏþÁ뿪 §Ð³Ï³é³Ï ¹Åáõ³ñ å³ÛÙ³ÝÝ»ñáõë, ß³ñáõÝ³Ï»É ç³Ý³ó³Í ˳ճÕáõû³Ý áñáÝáõÙ Ý»ñë áã Ù¿Ï ÅáÕáíáõñ¹Ç Ç íÝ³ë »Ý áõ åÇïÇ ÁÉɳݦ£ êïáñ»õ ¾û׳ɳÝÇ Ý³Ù³ÏÁª óñ·Ù³Ýáõ³Í.
Մ
իջագետքի եւ Անատոլուի հնագոյն ժողովուրդներուն միջեւ դարերէ ի վեր շարունակուող միջ-հասարակական յարաբերութիւնները վերջին երեք դարերու ընթացքին մեծ վերիվայրումի մը մէջն են։ Յատկապէս դրամապաշտ արդիականացման եւ անոր մեհեանը հանդիսացող ազգային պետութիւններու սրսկած թոյնի պատճառաւ այս հողերը համարեա՛ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու գերեզմանատան վերածուեցան։ Միատարր ազգ ստեղծելու ծրագիրները Եւրոպայէն Ափրիկէ, Ասիայէն Աւստրալիա եւ մինչեւ Ամերիկա մարդկային բոլոր արժանիքները գահընկեց ըրած, բազմահազար տարիներու մշակութային ժառանգը եւ արժէքները ոչնչացուցած է։ Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան առաջին հասակ առած վայրերէն համարուող մեր հայրենի երկիրն ալ այս աղէտէն իր բաժինը աւելիովը ստացած է։ Մեր ժողովուրդներու միջեւ դաշոյնի մը նման մխրճուած ցեղապաշտ ազգային հոսանքները այս փորձանքի գաղափարական հիմքը կազմած են։ Տասնեակներով լեզու եւ մշակոյթ այս հրդեհին մէջ մոխիրի վերածուած, նոյնիսկ հնագիտական նմոյշ ըլլալով անգամ մեր օրերուն չեն կրցած հասնիլ։ Բազում ժողովուրդներ ցեղասպանութեան նման մարդկային յանցագործութիւններով փճացած, բազմաթիւ հաւատքներ եւ մշակոյթներ ճնշումներու բերմամբ անհետացած են։ Վերջին դարերուն արձանագրուած աղէտները մարդկութեան ենթարկուած ամենամեծ փորձանքներն են։ Թէեւ պատմութեան ընթացքին պատերազմներ եւ բախումներ միշտ ապրուած են, բայց այսօրուան նման մարդկութիւնը եւ բնութիւնը ոչնչացնելու մի տող եւ մեծաւ մասամբ ալ յաջողած հակում մը չէր եղած։ Ահա հայ ժողովուրդին ուղղուած եւ նախորդ դարասկիզբին գործադրուած ցեղասպանութեան ծրագիրն ալ այս նողկալի ռազմավարութեան ամենադաժան օրինակներէն է։ Հայ ժողովուրդին մատնուած իրավիճակը ցեղասպանութեան յստակ իրողութիւն մըն է։ Ի դէմ ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդին իր ողբերգութեան հետ միասին գոյութիւնը մինչեւ օրս պահելն ալ հրաշք մըն է։ Այս հրաշքը անկասկած տանջուած հայ ժողովուրդի մեծ ջանքերուն ու պայքարին շնորհիւ իրականացած է։ Այսօր համայն աշխարհ պարտի հայ ժողովուրդի ենթարկուած պատմական իրողութեան հետ առերեսուիլ եւ հայ ժողովուրդի սուգը բաժնել, վիշտը կիսել։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ալ խնդրին այս հասունութեամբ մերձեցումը եւ դառն պատմութեան հետ առերեսուիլը անխուսափելի է։ Հայ ժողովուրդին ալ համեստաբար կրնամ առաջարկել, որ առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը, հեռու մնալով մեր ժողովուրդները դեռ դարեր շարունակ իրարու թշնամացնել նպատակող միջազգային դրամատէր ուժերու եւ լոպիներու չարամ տութենէն։ Այսօր իրար հետ գիրկընդխառնուած են քիւրտ ժողովուրդի ազատութեան պայքարը եւ հայ ժողովուրդի վիշտերուն բուժումն ու հաւասար իրաւունքներու տէր քաղաքացիներ ըլլալով այս հողերու վրայ գոյատեւելու պայքարը։ Ժողովրդավարութեամբ պսակադրուած հանրապետութիւն մը թէ՛ պիտի յաջողի անցեալի հետ հաշտուելու եւ թէ բոլոր տարբեր ինքնութիւններուն ազատապէս ապրած հանրապետու-
(Þ³ñ.Á ¿ç IV)
ARMENIA
IV
êáõñdz
Ազրպէյճանցի ահաբեկիչները խոստովանած են, որ կը կռուին հայերու, ռուսերու եւ իրանցիներու դէմ
Ա
ւրոփա.ինֆօ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերու դէմ կռուող ազրպէյճանցի ահաբեկիչները հրապարակած են ազրպէյճանցի իսլամականներու ուղղուած կոչ մը, որուն մէջ խոստովանած են, որ իրենք այդտեղ իրականութեան մէջ կը կռուին իրանցիներու, հայերու եւ ռուսերու դէմ։ Ժիհատականներու պատկանող կայքերու վրայ հրապարակւած է Ֆուրքան Ազերի անունով ազրպէյճանցի ժիհատականի մը կողմէ տարածուած կոչ մը, որուն մէջ կ՚ըսուի, որ յայտարարութիւնը ուղղուած է «Ազրպէյճանի բռնաճնշումներու տակ գտնուող իսլամականներուն եւ իրանցի, հայ, ռուս ու բռնակալ Ասատի դէմ կռուող ազրպէյճանցի ժիհատականներուն սպառնացողներուն»։ Ազրպէյճանցի ահաբեկիչը կը խոստովանի, որ ազրպէյճանցիները նոյնպէս միացած են Ասատի դէմ կռուողներուն, ինչպէս նաեւ կը մեղադրեն Սուրիոյ մէջ բնակող հայերն ու Իրանը ահաբեկիչները սպաննելու համար։ Ըստ ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, 2014էն ի վեր Սուրիոյ մէջ 16 ազրպէյճանցի ահաբեկիչ ըսպաննուած է, իսկ պատերազմի սկիզբէն ի վեր սպաննուած ազրպէյճանցի զինեալներու թիւը 100 է: Ըստ սուրիական եւ արաբական պաշտօնական լրատուամիջոցներու, Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր արմատական իսլամական խմբաւորումներու կողքին կը կռուին 250300 ազրպէյճանցիներ:
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷջ ԿՌՈՒՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ ՍՊԱՆՆՈՒԱծ Է
Փետրուար 6ին, Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներու խմբաւորումները յարձակում գործած են Հալէպի բանտին վրայ։ Մարտերու ընթացքին սպաննուած է ազրպէյճանցի զինեալներու հրամանատարներէն մէկը՝ չեչեն Սէյֆուլլահ Շիշանին։ Ազրպէյճանական news.lent. az կայքէջը՝ յղում կատարելով Kavkaz Center լրատու գործակալութեան թուիթրեան գըրառումին, կը ներկայացնէ ըսպաննուած զինեալի լուսանկարը՝ աւելցնելով, որ Հալէպի մէջ անոր հրամանատարութեան տակ ազրպէյճանցիներ կը կռուին։
Պոլսոյ հայկական...
(Þ³ñ. ¿ç II-Ç)
թուրք ազգայնական ուսուցիչներ այլեւս չկան: Հայ ընտանիքները իրենց զաւակները անձնական եւ այլ օտար դպրոցներ կ՛ուղարկեն: Ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի նման լեզուները հայերէնէն աւելի կարեւոր կը նկատուին: Ներկայիս Պոլսոյ հայ ուսանողներուն նուազ քան 50 առ հարիւրը հայկական վարժարաններ կը յաճախէ: «Զաման» կը նշէ, որ իրենց այցելած հայկական երկու դպրոցներուն աշակերտները սահուն հայերէն կը խօսին: 11րդ դասարանի աշակերտ մը նշած է, որ մինչ ինք եւ եղբայրը հայերէն կը խօսին, իր ծնողքը այդ լեզուն երբեք չէ սորված: Բայց եւ այնպէս, աշակերտները իրարու հետ առաջին հերթին թրքերէն կը խօսին եւ իրենք զիրենք այդ լեզուին մէջ հանգիստ կը զգան:
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 13 ö»ïñáõ³ñ 2014
¶³ÕáõÃÇ Î»³Ýù¿Ý ºñ³Ëï³·Çï³Ï³Ý
«Ավանդական Հայկական Կաղանդ»
Դ
եկտեմբերի 8ին, Բուենոս Այրեսի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միության Նազարյան սրահում տեղի ունեցած «Ավանդական Հայկական Կաղանդ» միջոցառման շրջանակներում արգենտինահայ համայնքի, մեր հայրենակիցների և բազմաթիվ այցելուների օգնությամբ հանգանակվեց ընդհանուր առմամբ 16.000 պեսո գումար, ևս 4.000 տրվեց Մելիքյան ընտանիքի կողմից: Օգտվելով առիթից, հայտնում եմ իմ խորին երախտագիտությունը բոլոր կամավորներին, գեղարվեստական ծըրագրի մաս կազմող բոլոր անհատ կատարողներին և խմբերին, մեզ աջակցած կազմակերպություններին և հոգևոր հայրերին, և բոլոր մասնակիցներին, ովքեր օգնության ձեռք մեկնեցին մանկատների երեխաների համար առաջին անհրաժեշտության պարագաներ գնելու ծրագրին: Շնորհակալություն Ձեր հայրենանվեր և քրտնաջան աշխատանքի, ինչպես նաև նվիրվածության համար:
Հանգանակություններ՝ Abogada Edith Khachatrian $ 100.Wilton Hotel $ 1.000.Unión Compatriótica Armenia de Marash $ 500.Կամավորներ` Adrine Kasparian Alejo Fontenla Angel Matosian Angelika Arzumanian Ani Sahakian
ՓՔՔ-ի առաջնորդ...
(Þ³ñ. ¿ç III-Ç)
թիւն մը դառնալու։ Այս շրջանակէն դիտելով կրնանք ըսել, որ մենք ո՛չ միայն քիւրտ ժողովուրդին, այլ այս երկրի բոլոր ժողովուրդներուն եւ հաւատքներուն ազատութեան համար կը պայ քարինք։ Այս պատճառաւ է որ հակաժողովրդավարական ուժերը ամէն առթիւ մեր առջեւ արգելքներ հանեցին քրտական հարցը անլուծելի դարձնելու համար։ Ամէն անգամ որ խաղաղասէր միջոցներու դիմեցինք, մեծ գրգռու թիւններով ընթացքը խափանեցին։ Այս միջավայրը կը յենի երկու հիմնական ուժի վրայ՝ դրամ եւ ազգայնականութիւն։ Իսկ որպէս միջոց կ՚օգտագործեն մեծ դրամատէրերու լոպիները եւ համայնքանման կառոյցները։ Իրենց համար գետին կը ստեղծեն պնդելով թէ ժողովուրդներու միջեւ դեռ անկատար հաշիւներ կան։ Մինչդեռ այս երկրի բնակիչ բոլոր հնադարեան ժողովուրդները այս հողերուն տէրն են եւ իրենց միջեւ ան բաժանելի ոչ
Anna Bleyan Anush Hovagimian Armine Danielian David Melikian Eduardo Baloglu Guido Agostinelli Katrina Mkhitarian Leonardo Moumdjian Lilit Nazarian Lusine Badalian Mariam Ohanian Marine Bleyan Martina Weiss Mel Avetisian Mher Tchilinguirian Vahe Mikaelian Vanuhi Nazarian Vardges Arzumanian Vruir Sargsyan Zaruhí Nazarian Yana Melkumian
Գեղարվեստական ծրագիր` Chuli Sismanian Mariela Moumdjian Mher Tchilinguirian Vruir Sargsian Meline Keledjian Valeria Cherekian Conjunto de Danzas armenias “Narek” Conjunto de Danzas “Shirag” y “Mini Shirag”
Հատուկ Շնորհակալություն` Vahagn Melikian, Embajador de la Republica Armenia en la Argentina Union General Armenia de Beneficencia (UGAB) Hambardzum Haladjian Comision de las Damas UGAB Jose Tabakian Juan Balian Asociacion Civil Armenia de Beneficencia para America del Sur
մի բան կայ։ Քիւրտ, թուրք, արաբ, պարսիկ կամ հայ, բոլոր ժողովուրդները ստիպուած են իրենց միջեւ իրաւական հաւասարութեան մը յենող եղբայրական գիտակցութիւն մը ստեղծել։ Ժողովուրդներու միջեւ ստեղծուած թշնամութիւնը անկարելի է մեր մշակոյթին յատկութիւնը համարել։ Ստիպուած ենք այդ ախտին մեր յաջորդ սերունդներուն փոխանցումը կանխել։ Այս ալ հազիւ իրաւ արդարութեան մը վրայ կառուցուած պատմական խաղաղութիւնով մը կարելի կ՚ըլլայ։ 2013ի Նեվրոզին մեր կողմէ սկսած գործընթացն ալ հազիւ այս հասկացողութիւնով կայուն եւ իմաստալից կը դառնայ։ Ժողովուրդներու իսկական բարեկամը եւ հայ ժողովուրդի քաջարի որդին Հրանդ Տինք ալ ահա այս կեղտոտ մտայնութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, վերեւ նշուած նպատակին համար սպանուած է։ Այս նպատակաւ սպաննուած վերջին հայն ալ Ան է։ Դժուար պայմաններու տակ շարունակել կ՚աշխատիմ խաղաղութեան պայմանները որոնել։ Այս ջանքը ոչ մէկ ժողո-
- HOM Kohar Masserian Union Residentes Armenios de Hadjín - Hadjín Dun Betty Der Avedisian Colegio San Gregorio Marga Djeredjian Colegio Marie Manoogian Lilian Krapridian Colegio Mekhitarista de Buenos Aires Adriana Soubaralian Conjunto de Danzas Shirag Tereza Sargsyan Daiana Balassanian Padre Maghakia Amirian Grafica Editora Akian S.A. Fabrica Pepan S.A. - Armen Arslanian Panadería y Confitería Medio Oriente El Equipo del Espacio Armenio TV Pato Saullo, pintora Comision de las Damas de la Embajada Diario Sardarabad Diario Armenia
Donaciones por la rifa Eduardo Costanian - Restaurant Armenia Embajada de Armenia - Reloj, Coñac Guido Agostinelli - Puntocuc Hugo Salinas - Laboratorio de Óptica de Valentín Alsina Ivana Berg - Viejo Agump Artur - Peluquería EuroTop Madlen Tchrian - Madlen Miryam Kioulesserian- Natura Equipo del Espacio Armenio - Relojes Vahe Bleyan - Joyería Aram
DANIELLA MELIKIAN
վուրդի ի վնաս կրնայ ըլլալ։ Իմ այս խօսքիս երաշխիքը մեր աւելի քան երեսուն տարուայ պայքարին ամէն պահուն դրոշմուած է արդէն։ Մենք երբ այստեղ բոլոր ժողովուրդներու ի նպաստ ջանք կը թափենք, մեզ ձախողեցնելու համար աշխատող բոլոր խորունկ, բացայայտ, զուգահեռ կառոյցներու, լոպիներու եւ համայնքանման կազմակերպութիւններու դէմ զգուշութեան, յստակ դիտարկումով մը խնդիրը քննարկելու կը հրաւիրեմ ձեզ։ Մեր քաղաքական բարոյական կեցուածքը մինչեւ այսօր օգտակար եղաւ, որ առանց շեղելու յառաջանանք մեր ճամբէն։ Ոչ ոք կասկածի թէ յետ այսու ալ նոյն հեռատեսութեամբ պիտի պայքարիմ բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Այս հիման վրայ անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշեմ սիրելի Հրանդ Տինքը եւ գլխաւորութեամբ հայ ժողովուրդի, մեր բոլոր ժողովուրդներուն ողջուններս կը փոխանցեմ։ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ ԷՕՃԱԼԱՆ Իմրալըի արգելանոց