äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 82ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.534 - 3 ²åñÇÉ 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
Ðñ³Ý¹ سñ·³ñ»³Ý
«Արցախի հարցով մեզ համար նահանջն անթոյլատրելի Է»
ì»ñç»ñë ²ñó³ËÇ Ù¿ç ï»ÕÇ áõÝ»ó³Í Ð.Ú.¸. ØÇçÙ³ñÙÝ³Ï³Ý ËáñÑñ¹³ÅáÕáíÇÝ ³éÇÃáí ²ñó³ËÇ Ù»ñ å³ßïûݳÏÇó §²å³é³Å¦Á ѳñó³½ñáÛó ÙÁ áõÝ»ó³õ Ð.Ú.¸. ´ÇõñáÛÇ Ý»ñϳ۳óáõóÇã Ðñ³Ý¹ سñ·³ñ»³ÝÇ Ñ»ï: гñó³½ñáÛóÇÝ Ù¿ç Ð.Ú.¸. ´ÇõñáÛÇ Ý»ñϳ۳óáõóÇãÁ ·É˳õáñ³µ³ñ Ï°³Ý¹ñ³¹³éÝ³Û ËáñÑñ¹³ÅáÕáíÇÝ ÁÝóóùÇÝ ³ñͳñÍáõ³Í ÑÇÙÝ³Ï³Ý Ñ³ñóÇÝ` ²ñó³ËÇ Ñ½ûñ³óÙ³Ý »õ ÙÇç³½·³ÛÇÝ ×³Ý³ãÙ³Ý Ñ³Ù³ñ ó÷áõ»ÉÇù ×Ç·»ñáõÝ: êïáñ»õ Ïáõ ï³Ýù ѳñó³½ñáÛóÁ` ³ÙµáÕçáõû³Ùµ: -- Արցախում առաջին անգամ էր, որ գումարւեց Հ.Յ.Դ. Միջմարմ նական խորհրդաժողով: Արդեօք դա պատահա կանութի՞ւն էր: -- Բնականաբար, դա պատահականութիւն չէ: Դա քաղաքական որոշման արդիւնք է: ես մի առիթով օրերս ասել եմ, որ մենք Արցախ չենք այցելել, մենք ապրում ենք Արցախով: Ժամանակին մենք եղել ենք Արցախեան ազատամարտի առաջին գծում, զէնքը ձեռքներիս ենք պաշտպանել այս երկիրը եւ ապահովել նրա ազատութիւնը: Այսօր կեանքը մեզ ստիպել է, որ տարբեր հարթակներում, այդ թւում` միջազգային բեմերի վրայ Ղարաբաղի համար մարտը շարունակենք: Այդ մարտը
Լ
կարող է տարբեր դրսեւորումներ ունենալ` առաջին գծում զէնքը ձեռքիդ կռուելուց մինչեւ ամբողջ կեանքիդ ընթացքում մաքառելով եւ աշխատելով: Աշխատանք դիւանագիտական մարզում, աշխատանք քաղաքական մարզում, աշխա-
տանք տնտեսական մարզում, բայց նոյն նպատակի համար` Արցախի համար: Այդ առումով` մենք խորթ չենք Արցախին, մենք նոր չենք այստեղ: Մեր կազմակերպութիւնը ներկայութիւն ունի Արցախում, մեր շարունակութիւնն է Արցախում, որովհետեւ Արցախում ունենք կառոյց եւ գուցէ այդ առումով մենք զանազանւում ենք բոլոր միւս հայկական կազմակերպութիւններից: Միայն մենք ենք, իբրեւ համահայկական կուսակցութիւն, որ Արցախում ներկայութիւն ունենք: Միայն մենք ենք, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ աշխատող կուսակցութիւն, որ նաեւ աշխատում ենք այստեղ, իսկ (Þ³ñ.Á ¿ç III)
Քեսապի ճակատամարտը կը շարունակուի
ԱԹԱՔԻԱ, «Էյ.Փի.».- ուրբաթ, Մարտ 27ին, Քեսապի շուրջ ճակատամարտը 7րդ օրն ըլլալով շարունակուած է, մինչ ՄԱկի մօտ սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ճաաֆարի նիւ եորքի մէջ թրքական բանակը ամբաստանած է Քեսապի ճակատամարտին ընթացքին զինեալ խմբաւորումներու ահաբեկչական գործողութիւններուն ծածկոյթ տրամադրելու յանցանքով: Մինչ այդ, Քեսապի ճակատամարտի 6րդ օրուան բախումները կեդրոնացած են մասնաւորաբար Թուրքիոյ սահմանակից գիւղերու մերձակայ շրջաններուն մէջ: «Մայատին» կայանը հաղորդեց, որ զինեալները գիւղ ներխուժելէ անմիջապէս ետք քանդած են եկեղեցիներուն
վրայ գտնուող խաչերը: «Ճապհաթ նուսրա»ն, իր կարգին յայտարարեց, որ Քեսապի բախումներուն ընթացքին սպաննուած է իր մարտական ղեկավարներէն Ապտելռազաք Ապտելպաքին, որ ծանօթ է «Ապի Լէյլա» անունով: նաեւ, սուրիոյ բանակը ամրապնդած է 45րդ կէտի՝ Էքիզօլուխի եւ Ճապալ նըսրի մէջ գտնուող իր դիրքերը: սուրիական օդուժի ռմբաձիգներ ռմբակոծած են զինեալներու թրքական հողամասերուն կից գտնուող դիրքերը, իսկ թրքական ուժերը շարունակած են զինեալներուն գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել: Ըստ «Ալ Մայատին»ի, սուրիական բանակը Մարտ 31ի դրութեամբ սկսած է իր յա-
ռաջխաղացքը դէպի Քեսապի ծովամերձ հայկական Գարատուրան գիւղը, ուր բուռն մարտեր տեղի կ՚ունենան։ Ալ ուաթան թերթը իր կարգին կը յատնէ, թէ «Ալ նուսրա» արմատական իսլամական կազմակերպութեան Քեսապի զինեալ ստորաբաժանումներէն մէկուն հրամանատար Իզամ Ալմուլա սպաննուած է Քեսապի շուրջ ընթացող կռիւներու ընթացքին։ Միւս կողմէ, Հալէպի ճակատին վրայ, World Tribune լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ ներկայ դրութեամբ Հալէպ քաղաքի 80%ը կը գտնուի սուրիական բանակի հսկողութեան տակ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, յառաջիկայ Մայիսին բանակը կը պատրաստուի լայնածիր յարձակումի մը։
ե
Ինքնորոշման իրաւունքի մեծապետական շահագործումը
րբ ուքրանիոյ նախկին նախագահ Վիքթոռ եանուքովիչ կռնակ դարձուց եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ծրագրի առաջարկին եւ միացաւ Մոսկուայի նախաձեռնած Մաքսային Միութեան, իր ռուս գործընկերը, Վլատիմիր Փութին, հաւատած որ Արեւմուտքի հետ ազդեցութեան գօտիներու ամրապնդման մրցակցութեան մէջ վերջնական յաղթանակ մը արձանագրած է: Միջազգային դէտերու համար Հայաստանի նախագահ սերժ սարգսեանի սեպտեմբեր 3, 2013ի նոյնատիպ առաջարկը, որ հրապարակւեցաւ, յիշեցնենք, նախագահի Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին եւ անակնկալի բերաւ բոլորին, նախանշան մը եւ յստակ պատգամ մըն էր: երեւան արդէն չորս տարիէ ի վեր Պրիւքսէլի հետ կը բանակցէր համաձայնագիրը եւ հայրենի դիւանագէտներուն համար կասկած չկար, որ Մոսկուա թոյլ պիտի տար Հայաստանին կոմպլեմատարիզմի այս փոքրիկ փորձը կատարել: Ի վերջոյ, կովկասի մէջ Ռուսիա միայն Հայաստանն ունի որպէս ռազմավարական դաշնակից, ուր իր զինուորական խարիսխի ներկայութիւնը պայմանագրով երաշխաւորուած է մինչեւ դարուս կէսերուն առնուազն: Յետոյ, Հայաստանի էներգետիկ եւ տնտեսական կախուածութիւնը այնքան բացարձակ էր Ռուսիայէն շնորհիւ ռուս մեծ կապիտալին ամէն ինչ այնքան հեշտութեամբ վաճառելու «կարգապահութեան», որուն այնքան համակերպած կը թուին ե՛ւ ներկայ իշխանութիւնները, ե՛ւ անոնց հետ միաձուլուած օլիկարգային վերնախաւը, որ Մոսկուա մտահոգուելու պատճառ չունէր: Առանց տակաւին խօսելու այն երկու միլլիոն հայութեան մասին որ կայք հաստատած է Ռուսիոյ ամէն անկիւնները: երեւի այս բոլորը նկատի առնելով էր որ հայրենի դիւանագիտութիւնը այն խաբկանքը ունէր, որ Մոսկուան թոյլատու պիտի ըլլար Հայաստանի՝ եւրոպական Միութեան հետ Ասոցիացման համաձայնագրի ստորագրութեան, որ հայ-ռուսական ռազմավարական դաշինքն ու երեւան-Պրիւքսէլ յարաբերութիւնները իրարու հակասելու խնդիր չկար, կամ, առնուազն, Հիւսիս Մեծ եղբայրը այնքան վստահութիւն պիտի ունենար իր դաշնակիցին վրայ որ մեծոգութեան ժեսթ մը պիտի ընէր: Ի վերջոյ, ի՞նչ կշիռ ունէր Հայաստանի տնտեսութիւնը Մաքսային Միութեան միւս անդամներուն համար, կամ՝ ի՞նչ վտանգ կրնային ըլլալ եւրոպական արժէքները որոնք եթէ մէկ կողմէն ժողովրդավարութեան հանդէպ քիչ մը աւելի յարգանք ու լրջութիւն պիտի պարտադրէին, միւս կողմէ աւելի պիտի խստացնէին տնտեսական ուղղափառութեան նորմերը: Բայց, ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ, երբ Մոսկուա մեծապետական մրցակցութեան մէջ է զէրոյի հաւասարացման տրամաբանութեամբ կը խաղայ եւ անողոք է մանաւանդ իր ամենէն հաւատարիմ եւ իրմէ ամենէն աւելի կախուած դաշնակիցներուն հանդէպ, որոնց ե՛ւ փրկիչ, ե՛ւ դահիճ ըլլալու փաստը տուած է: Այս անգամ ալ տարբեր չեղաւ: կրնանք վստահ ըլլալ որ նախագահ սարգսեան թէկուզ եւ փորձեց բայց անկարելի եղաւ Փութինին համոզել: Տակաւի՛ն, Հայաստանի որոշման վրայէն Մոսկուա ոչ միայն լուր անցաւ, արժանի չըրաւ հրապարակային գնահատանքի, այլ սեղմումները շարունակուեցան ու կը շարունակուին, ի դէմս, օրինակի համար Պելոռուսի եւ Ղազախստանի ժխտական յայտարարութիւններուն, կամ՝ Ռուսիա կեցութեան օրէնքներու խստացման: կայսերական ծանօթ վարքագիծն է, որ եթէ մօտիկ անցեալին համայնավարական անբողջատիրութեան ճնշումով կ’արտայայտուէր, այսօր վայրագ դրամատիրութեան տրամաբանութեամբ կը գործէ: կը մնայ որ Մոսկուայի հիմնական պատգամը ուղղուած էր Քիեւին: Զէրօ խաղի տրամաբանութեան համաձայն եթէ Հայաստանին թոյլատրուէր ե՛ւ դաշնակից մնալ Ռուսիոյ, ե՛ւ կապեր հաստատել եւրոպական Միութեան հետ, կրնար սխալ ընկալւիլ եանուքովիչին եւ իր դաշնակից օլիկարգներուն կողմէ, որոնք պիտի ուզէին նոյնը ընել: ուքրանիոյ նախքին նախագահին հաւատարմութեան հանդէպ շատ կասկած չունէր Մոսկուա, եւ նոյնինքն եանուքովիչը եթէ հակուած ըլլար ե՛ւ եւրոպայի հետ համաձայնագիր կնքելու, ե՛ւ հիմնականին մէջ Ռուսիոյ հետ սերտացնելու իր կապերը այդ մէկը հաւանաբար ընէր նաեւ ընդդիմութեան, քաղաքացիական հասարակութեան մօտ իր վարկը բարձրացնելու համար: Բայց այդ մէկը ռիսկ էր Մոսկուայի համար: Ի վերջոյ ուքրանիա անցած էր «գունաւոր յեղափոխութեան» փորձառութենէն, երկրի կէսէն աւելին կը հաւատար որ իր ինքնութիւնը շատ աւելի մօտ է Արեւմուտքին քան Ռուսիոյ եւ ազգայնական տարրերը դեռ ոխակալ կը մնային: Յետոյ՝ առանց ուքրանիոյ եւրասիական Միութեան փութինեան ծրագիրը իսկապէս աշխարհաքաղաքական իմաստով (Þ³ñ.Á ¿ç IV)
Խ. ՏԷր ՂուկԱսեԱն
ARMENIA
II
ÊÙµ³·ñ³Ï³Ý §²½¹³Ï¦Ç
г۳ëï³Ý ê÷ÇõéùÇ Ü³Ë³ñ³ñ Ðñ³ÝáÛß Ú³Ïáµ»³Ý
Տ
«Մենք երբեք պիտի չուզենք, որ Քեսապը առանց հայու մնայ»
եղահանուած քեսապահայութեան խնդիրները Հայաստանի իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին են: Տարբեր կազմակերպութիւններու միջոցով քեսապահայութեան կը ցուցաբեր-ւի համակողմանի օժանդակութիւն, ԱՄն նախագահ Պարաք Օպամային ուղղուած են բազմահազար նամակներ: Այս մասին Armenpress-ի հաղորդմամբ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նըշեց Հայաստանի Հան րապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան յիշեցուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի յայտարարութիւնը Քեսապի հարցով, ինչպէս նաեւ ՄԱկի եւ Ժնեւի մէջ Հայաստանի դեսպաններուն տրուած յանձնարարութիւնները` համապատասխան հարցեր բարձՀրանոյշ Յակոբեան րացնելու եւ պահանջներ դնելու, որպէսզի վայրագութիւնը դադարեցուի: «կարծում եմ` նաեւ դրա հետեւանքն էր Ռուսաստանի արտաքին գործերի նախարարութեան յայտարարութիւնը, որտեղ շատ յստակ ձեւով խօսւում էր ոչ միայն սիրիայում տեղի ունեցող իրադարձութիւնների, այլեւ սիրիահայերի նկատմամբ որոշակի թիրախ ընտրելու մասին», նշած է Հ. Յակոբեան: նախարարի փոխանցմամբ անոնք դիմած են հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն, համայնքները ոտքի կանգնած են, Հայ Դատի գրասենեակները փայլուն կ’աշխատին: «նրանց կողմից հարիւր հազարաւոր նամակներ են ուղղուել Օպամային», յայտնած է նախարարը` աւելցնելով, որ սուրիա այցելած Հայաստանի պատգամաւորներու պատուիրակութիւնը այսօր պիտի վերադառնայ եւ ներկայացնէ իրավիճակը: «ես ամէն օր Քեսապի քաղաքապետի հետ եմ խօսում, մեր դեսպանը եւ հիւպատոսն այնտեղ են, այնպէս որ, Հայաստանի գործադիր իշխանութեան, հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչները այնտեղ են եւ աշխատում են մերոնց հետ», նշեց նախարարը` աւելցնելով, որ քեսապահայութեան օգնութիւնը տեղւոյն վրայ կը կազմակերպուի կարմիր Խաչի, սուրիական իշխանութեան, համայնքային կառոյցներու կողմէն ստեղծուած շտապ օգնութեան մարմիններու կողմէն: «նրանք կարողանում են բաւարարել մեր հայրենակիցների առօրեայ կարիքները, որովհետեւ նրանք իրօք ծանր վիճակում են», նշեց Հրանոյշ Յակոբեան աւելցուց, որ 12 հազար սուրիահայերուն ցոյց տրուող օժանդակութեան քայլերը պիտի կատարւին նաեւ քեսապահայութեան հանդէպ, եթէ անոնք Հայաստան տեղափոխուին: նախարարը, նշեց, որ երբեք չեն ուզեր, որ Քեսապը առանց հայու մնայ:
Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar
4812-4993 www.hotelwilton.com.ar
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 3 ²åñÇÉ 2014
Հ
Ճգնաժամային տեղեկատուութիւն
ալէպէն ու Դամասկոսէն մինչեւ Խրիմ, անցնելով Իրաքէն եւ եգիպտոսէն վերադառնալու համար Քեսապ, ապահովական ցնցումներն ու անոնց զուգակցուած քաղաքական իրադարձութիւնները մեկնաբանելը հայկական լրատուական ոսպնեակներուն համար յաւելեալ ճիգ, կեդրոնացում, մաքրազտման մեքենականութիւն եւ արհեստավարժ համապատասխան աշխատանք կը պահանջէ: ոչ միայն այն պարզ պատճառով, որ այս թէժ կէտերը առնչուած են նաեւ հայկական գործօնին հետ. կամ ալ այն բնական մղումի բացատրութեամբ, որ այնտեղ կան հայկական համայնքներ: Քաղաքագիտական անառարկելի տեսութիւն է, որ պատերազմներուն կ՛ընկերակցի տեղեկատուականը եւ յատուկ ծառայութիւններ լրատուականներուն ետին կանգնած կը ղեկավարեն այդ ոլորտի պատերազմը: Այս տեսութիւնը միայն պատերազմներու պարագային չէ, ընդհանուր հասկացողութիւն է. պարզապէս թէժացումը բընականաբար կ՛արձանագըրւի լարուած իրավիճակներու կամ ռազմական ընդհարումներու ընթացքին: Հայկական կողմին համար ճգնաժամային տեղեկատըւութիւնը անպայման նկատի պիտի ունենայ բազմագործօնային հանգամանքներ: նախ այն անշուշտ, որ պիտի սահմանազատէ քարոզչականը լրատուականէն: Անկախ մամուլ հասկացողութիւնը այսօր հեքիաթային բնութագիր ունի, եւ որեւէ լրատուամիջոց իր առջեւ գերխնդիր չէ դրած միայն ճշմարիտը զուտ առարկայականը ընթերցող լըսարանին հասանելի դարձնելու հրամայականը: Ասիկա բացառապէս տեսութիւն է, որ որեւէ առարկայացում չի գտներ որեւէ միջավայրի մէջ: Խնդիրը ուրեմն հնարաւոր
առարկայականութիւնը պահելու հմտութեան մէջ կը կայանայ: Քարոզչական հզօր մեքենաներու արտադրանքներուն ուղղուածութիւնը հասկնալու, քարոզչական թիրախը ըմբռնելու եւ ըստ այնմ լուրի վերարտադրման չափը ճշդելու եւ տալու: Յաճախ այնքան համատարած տարողութիւն կը ըստանայ այդ արտադրանքի լրագրական շուկայացումը, որ դժուար կը թուի շուկայի ճշդած օրինաչափութենէն հեռու մնալու փորձութիւնը: Այսպէս է, որ սուրիոյ դէպքերուն լուսաբանման խաղի կանոնները, յաճախ ճշդուած Արեւմուտքէն, երբեմն Ռուսիայէն, կը գրաւեն տեղեկատուական տարածքները: կը պատահի այս թոհուբոհին մէջ , որ լրատուական կողմնակի թիրախի կը վերածուի հայութիւնը: Ընդհանրապէս խուճապային իրավիճակներու մատնելու նպատակը հետապնդող ապատեղեկատուութիւնները տարբեր աղբիւրներ ունին: երբեմն անորոշ կայքեր կը մէջբերուին, այլ պարագաներու յղում կը կատարուի տուեալ լրատուամիջոցի, որուն սկզբնաղբիւրն ու պատկանելիութիւնը անյստակ կ՛ըլլան` ոլորապտոյտի մէջ ձգելով լուրին վաւերականութիւնը ստուգել փորձող մամուլի որեւէ ներկայացուցիչ: Մինչ այդ, սակայն, լուրը կը կրկնօրինակուի, կը պատճէնահանուի, երբեմն ալ կը համեմուի ցանկալի մեկնաբանութիւններով եւ շրջանառութիւնը կը բազմապատկուի: Բացառուած չէ այս պարագաներուն, որ շրջանառութեան մէջ դնող ու անմիջապէս անյայտացող լրատուամիջոցը մեր հակառակորդներուն ուղղակի կամ անուղղակի ներշնչումը ունեցած ըլլայ: նման օրինակները բազմաթիւ են:
Ճգնաժամային տեղեկատուութիւնը յատկապէս հայկական լրատուամիջոցներուն համար արագ ու զգայացունց ըլլալու մղումներով պէտք չէ յատկանշուի: Այստեղ կայ իրավիճակին տէր կանգնելու, խուճապային տրամադրութիւններու ըստեղծման առաջքը առնելու, զուսպ ու հաւասարակշիռ մօտեցումի վարքագիծը որդեգրելու եւ մանաւանդ արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն անվտանգութիւնը գերադասելու անհրաժեշտութիւնը: Հայկական ճգնաժամային տեղեկատուութիւնը ինքնակազմակերպուելու, աշխատակարգ ճշդելու անմիջական անհրաժեշտութեան առջեւ է: Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ Խրիմէն մինչեւ Քեսապ եւ տակաւին այլ հայաշատ միջավայրեր հայկական գործօնի հետ առնչուած լըրատուութիւններ ներկայացնելու եւ մեկնաբանելու նուրբ խնդիր ունի հայ տեղեկատուադաշտը տակաւին երկար ժամանակ: Մինչ այդ հայութեան կապուած որեւէ լուրի վաւերականութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը ստուգելու համար բացառապէս պէտք է յենիլ տեղւոյն հայկական պաշտօնական լրահոսի փոխանցած տեղեկատուութեան վըրայ` այնտեղ նկատելու համար ճշդուած շեշտադրումները, տարողութիւններն ու չափերը: Ամպագոռգոռութենէ, զգացականութենէ եւ մանաւանդ քարոզչական առաւելներ շահելու փորձութիւններէ հեռու մնալը այս պարագային ոչ միայն լրագրական օրինաչափութիւն է, այլ նաեւ անվըտանգութեան հետ կապուած լրջագոյն խնդիր: Պէյրութ
ARMENIA
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 3 ²åñÇÉ 2014
III
Ð.Ú.¸.
«Ցեղասպանութեան 100ամեակը ուղղակի առիթ է, որ մենք կարողանանք մեր պայքարի մէջ մի նոր հանգրուան սկսել»
(Þ³ñ. ¿ç I-Ç)
սա բաւական բան է ասում: սակայն պէտք չէ մոռանանք, որ մենք մէկ ամբողջութիւն ենք, մեր կազմակերպութիւնը, Արցախից դուրս աշխատող բոլոր կառոյցները Արցախը համարել են իրենց գերխնդիրը: Այդ առումով` Արցախը դարձել է մեր ամբողջական կուսակցութեան գերխնդիրը, եւ դրա համար մենք մեր հնարաւորութիւնների եւ կարելիութիւնների առիւծի բաժինը տրամադրել ենք Արցախին: Այսօր աւելի ու աւելի ենք համոզւում, որ այդ գործելաոճը արդարացուած է, որովհետեւ պայքարը չի աւարտուել: Մենք համոզուած ենք, որ մինչեւ վերջնական արդիւնք մենք պէտք է լինենք պատրաստ, պէտք է լինենք ամուր, վճռական, որպէսզի գրանցենք մեր ցանկալի արդիւնքը եւ առաջ անցնենք: Իսկ վերջնական արդիւնքը Արցախի միացումն է Հայաստանին:
-- Դաշնակցութեան օրակարգում Արցախի հետ կապուած ի՞նչ հարցեր գոյութիւն ունեն: -- նախ եւ առաջ` գոյութիւն ունի Արցախի տէ ֆաքթօ անկախութեան փաստն արձանագրելու խնդիր: Այդ առումով` երեւի թէ տէ ֆաքթօ անկախութիւնն աւելի կարեւոր է, քան իրաւաբանօրէն ինչ-որ ձեւակերպումները, սակայն այնուամենայնիւ դա եւս գոյութիւն ունեցող խնդիր է: Այսօրուայ դրութեամբ միջազգային քաղաքական կեանքը լարուած է ու ալեկոծուած: ստեղծւում է նոր աշխարհակարգ, լարւում եւ կարծրանում են ԱրեւմուտքՌուսաստան փոխյարաբերութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդ, յայտնուել ենք ինչ-որ ճակատում: սակայն մենք իրաւունք չունենք թոյլ տալ, որ Արցախի հարցը Ռուսաստան-Արեւմուտք լարուածութեան ստուերի մէջ յայտնուի: Մենք նաեւ պէտք չէ թոյլ տանք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արեւմուտք յարաբերութեան մէջ սպասուող լարւածութիւնը ստուերի տակ թողնի Արցախը: Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը եւս հանդարտ չէ եւ առկայ իրավիճակը յղի է նորանոր անակնկալներով: Այստեղ եւս իշխա նութիւն-ընդդիմութիւն պայքարի մէջ պէտք է զգուշանանք, որ Ղարաբաղի հարցը չմնայ այդ յարաբերութիւնների ստուերի մէջ: կարեւորն այն է, որ ինչպէս մեզ համար, հայ ժողովրդի քաղաքական այլ ուժերի համար եւս Արցախը մնայ յստակ, պայծառ, առանձին եւ
մեծ կարեւորութեամբ խնդիր: Մենք պէտք է կարողանանք Արցախի հարցը` որպէս հայ ժողովրդի ազգային ազատագրական պայքարի արդար հարց, ներկայացնել աշխարհին, որտեղ պէտք է ցոյց տանք մեր վճռականութիւնը եւ միասնականութիւնը` Արցախին եւ Արցախի հարցին սատարելու առումով: ես համոզուած եմ, որ սա շատ կարեւոր հանգամանք է: Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ որեւէ երեւոյթ իր ստուերը գցի Արցախի հարցի վրայ: եւ այդ հարցի հիմնական երաշխաւորը մենք ենք, մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդ: ես մեր կուսակցութեանը համարում եմ այդ հարցի երաշխաւորը: ես կ՛ուզէի, որ բոլորը մեզ հետ միասին ճիգ թափեն, որ ներքին խնդիրները պատճառ չդառնան, որպէսզի Ղարաբաղի հարցի հետապնդումը վիրաւորուի: Միայն այդպիսով կը կարողանանք համայն աշխարհին ապացուցել, որ Արցախը ամբողջութեամբ վայելում է հայ ժողովրդի համակրանքը եւ ապացուցենք, որ Արցախի հարցով մեզ համար նահանջն անթոյլատրելի է: Այս վճռականութիւնը եւ միասնականութիւնը գլխաւոր նախապայմանն է, որպէսզի կարողանանք յաղթահարել միջազգային քաղաքական ալեկոծուած այս փուլը: Աստուած մի արասցէ` որեւէ կորուստ ունենանք:
-- Ժողովին ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուներ ու աշխատակիցներ: Առաջիկայում շարունակուելո՞ւ են արդեօք աշխուժ աշխատանքները Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: -- Բնականաբար, այդ աշխատանքները շարունակուելու են, եւ այդ աշխատանքների արդիւնքում ակնկալւում են նորանոր նուաճումներ: ես դրանում չեմ կասկածում: Դա մեր պայքարի մի մասն է եւ մեր էութեան անբաժան մասը: Արդէն կան յաջողութիւններ, եւ ես վստահ եմ, որ նորանոր յաջողութիւններ են լինելու: Մեզ այդ հարցում պէտք չէ մտահոգի շուտափոյթ արդիւնքներ ունենալու խնդիրը: Մեզ պէտք է ոգեւորի, պէտք է ամրացնի այն փաստը, որ արդէն անկախ Արցախը երկու տասնամեակ բոլորած պետութիւն է: սա շատ աւելի մեծ արժէք ունի: Արցախի տէ ժիւրէ ճանաչումը պէտք է գայ համալրելու եւ ամբողջացնելու ձեռք բերուած նուաճումները: -- Վերջերս փորձեր արուեցին նմանութիւններ գտնել
Խրիմի եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքների միջեւ: Ձեր տեսակէտն այդ հարցի շուրջ ինչպիսի՞ն է: -- Պատմական երեւոյթները կարող են ինչ-որ տեղ իրար նմանուել եւ ինչ-որ տեղ ունենալ ընդհանուր գծեր, բայց ամէն մի հարց ունի իր իւրայատկութիւնները: եթէ ասեմ, որ Արցախի հարցն ունի իր իւրայատկութիւնը, դա չի նշանակում, որ ուզում եմ հակադրուել Խրիմի ինքնորոշման ճիգ ու ջանքին: եւ եթէ ասեմ, որ ունի նմանութիւններ, դա չի նշանակի, որ ուզում եմ ինչ-որ բան ընդհանրացնել: Արցախի հարցը իր պատմական հոլովոյթով, իր ընթացքով իւրայատուկ հարց է, եւ մենք չենք շահի, որ Արցախի հարցը որեւէ հարցի հետ նմանեցնենք: Բայց մի բան գոյութիւն ունի, որ ժողովուրդների ինքնորոշման խնդիրը սկսուել է գնահատուել բոլորի կողմից: Հէնց դա է այն կարեւոր զուգակցումը, որից պէտք է կարողանանք հնարաւորինս լաւագոյն արդիւնքներ քաղել:
-- 2015 թուականին նշելու ենք Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցը: Այսօր Դաշ նակ ցութիւնը Հայոց Ցեղաս պանութեան հարցում ի՞նչ ծրագրեր է առաջնային համարում: -- Ցեղասպանութեան 100ամեակը ուղղակի առիթ է, որ մենք կարողանանք մեր պայքարի մէջ մի նոր հանգրուան սկսել: ես այդ հանգրուանը կ՛անուանէի պահանջատիրական հանգրուան: Մեզ համար 100ամեակի ոգեկոչումը առաւելաբար քաղաքական կարեւորութիւն ունի: 100ամեակի ոգեկոչումը ինչ-որ պատմական թուականի նշում չէ, ծիսակատարութիւն չէ: Մենք համոզւած ենք, որ 100ամեակը առիթ է, որը մենք պէտք է օգտագործենք քաղաքականօրէն նոր նուաճում արձանագրելու համար: Համոզուած եմ, որ այս նպատակն իրականացնելու համար արդէն իսկ առկայ են նախապայմաններ: Առաջին քայլն արդէն իսկ արձանագրուեց, երբ մեր զոյգ կաթողիկոսները, մեր կրօնական, եկեղեցական ժառանգութեանը տէր կանգնեցին եւ, այսպիսով, հայ ժողովուրդը փաստօրէն անցում կատարեց դէպի նոր հանգրուան: ես հէնց դրանով եմ կարեւորում 100ամեակը` համարելով այն պայքարի որակի եւ ուղղուածութեան առումով անկիւնադարձային: Հարցազրոյցը` ԱնԻ ԱԶԱՏեԱնԻ
سÙÉáÛ Ñ³Õáñ¹³·ñáõÃÇõÝ
Դաշնակցութիւնը Արցախում վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը
Մ
արտի 22ից 24ը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք ստեփանակերտում տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մարմինների խորհրդաժո-
ղովը: Աշխարհի քսան երկրներից, Հայաստանի Հանրապետութիւնից ու Արցախից մէկտեղուած դաշնակցական պատասխանատուների քննարկման հիմնական թեմաներն էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, վերաբնակեցման հիմնահարցը, միջազգային ասպարէզում Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի հակահայկական լոպիինկը չէզոքացնելու, Արցախին ի նպաստ աշխատանքներին նոր թափ ու բովանդակութիւն հաղորդելու խնդիրները, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում ու Արցախում կուսակցութեան հզօրացումը: Անդրադարձ եղաւ նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներին, Արեւմուտք-ռուսաստան նոր դիմակայութեան պայմաններում Հայաստանի ու հայութեան անելիքներին, սիրիահայութեան աջակցութեան աշխատանքներին. մասնաւորաբար քննարկուեցին Քեսապի վերջին իրադարձութիւնները եւ կուսակցութեան անելիքները: Խորհրդաժողովը ամփոփեց յիշեալ ուղղութիւններով մինչեւ այժմ կատարուածը եւ նախանշեց առաջիկայ անելիքները: Յատուկ ընդգծուեց Արցախի տնտեսութեան արդիականացման, սփիւռքի ու Հայաստանի մտաւոր ներուժով նոր արհեստագիտութիւնների ներդրման, անվտանգութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը: Խորհրդաժողովը վերահաստատեց Դաշնակցութեան յանձնառութիւնը` հնարաւոր բոլոր միջոցներով Արցախին աջակցելու, միջազգային ասպարէզում նրա շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու հարցում: Մտահոգութեամբ արձանագրուեց, որ վերջին միջազգային զարգացումների արդիւնքում Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախն ու սփիւռքը բարդ միջազգային մարտահրաւէրներ են դիմագրաւում, որոնց յաղթահարումը համախմբուած կամք, վճռականութիւն եւ ամենօրեայ աշխատանք է պահանջում, այլապէս կարող է վտանգուել մեր ազգային-պետական նպատակների իրականացումը: Շեշտուեց, որ մենք պարտաւոր ենք յենուել միմիայն հայութեան հաւաքական ներուժի վրայ եւ համախմբուած գործողութիւններով չէզոքացնել առկայ սպառնալիքները: Դաշնակցութեան համար շարունակում է գերխնդիր մնալ արցախեան յաղթանակի վերջնական ամրագրումը, Արցախի բնակչութեան բարեկեցութիւնը, խաղաղ, կայուն զարգացումն ու նրա իրաւունքների պաշտպանութիւնը: Խորհրդաժողովի աւարտին մասնակիցներին ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ սահակեանը:
Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼոՅ ԴԻւԱն
IV
Ինքնորոշման...
(Þ³ñ. ¿ç I-Ç)
նոյն իմաստը պիտի չունենար. միայն ուքրանիոյ այդ ծրագրին մէջ ներգրաւելով է որ ռուսական եւրասիականութիւնը, կամ՝ այլ բառերով՝ տարածաշրջանային ազդեցութեան գօտիի ամրագրումը ինստիտուցիոնալ կառոյցներով, կրնար լիիրաւ արտայայտուիլ: Հետեւաբար, եւ ի տարբերութիւն Հայաստանի, եանուքովիչի եւրոպան արհամարհելու քայլը ողջունուեցաւ եւ անմիջապէս վարձատրուեցաւ Քրեմլինի կոմէ. 15 միլիառ տոլարի փոխատւութիւն եւ արդէն զեղչով ծախուած բնական կազի գինի առաւել նուազում: Բայց ուքրանացի օլիկարգները ժամանակ չունեցան այդ ֆինանսներու սեփականացումը տօնելու: Քաղաքացիական հասարակութիւնը մերժեց կատարուած իրողութիւնը, զօրաշարժը վերածուեցաւ ըմբոստութեան, որուն համար, դարձեալ ի տարբերութիւն Հայաստանի ոչ միայն Արեւմտեան զօրակցութիւն ու ֆինանսաւորում կար այլ՝ չուշացան իշխանափոխութենէն յետոյ տնտեսական նեցուկի խոստումները: եանուքովիչ ճնշեց, սպաննեց, փորձեց համաձայնիլ, բայց ի
Ð᷻ѳݷÇëï
վերջոյ իշխանութենէն հեռացաւ եւ, շատ հաւանաբար, ապաստանեցաւ Ռուսիա: Անոնք որոնք Քիեւի մէջ իշխանութիւնը իրենց ձեռքին մէջ առին միայն եւրոպական արժէքներու պաշտպանները չէին: Ընդհակառակը, ծայրայեղ ազգայնական եւ նոյնիսկ ֆաշական խմբաւորումներու այլամերժ յայտարարութիւններն ու ըսպառնալիքները, որոնք, ի դէպ, այնքան կը յիշեցնեն Վրաստանի առաջին նախագահ Գամսախուրդիայի յիմար վերաբերմունքը..., շուտով այս բոլորին հակազդելու շատ հաւանաբար պատրաստուած Քրեմլին: Քիեւի մէջ իշխանափոխութիւնը ոչ բոլոր հասարակութեան սրտին կը խօսէր. երկրի արեւելեան շրջանները, ռուսախօս եւ ուղղափառ, անհանգստանալու սկսան եւ Քիեւէն անոնց ներգրաւելու յայտնի կամ ազդեցիկ քաղաքականութիւն մը կամ յայտարարութիւն մը չեղաւ կամ հնչեղութիւն չունեցաւ: Ընդհակառակը, Մոսկուա շատ արագ կերպով շահագործեց ռուսամէտ հատուածին մտավախութիւնները եւ անոնց հիման վրայ հակադարձեց: Այդուհանդերձ, Քրեմլինի հակադարձութիւնը որպէս հրամայական ինքնին կը յուշէ, որ ուքրանիան եւրասիական Միու-
ìÇë»Ýÿ Èá÷»ëÇ ÎñÃ³Ï³Ý ÐÇÙݳñÏáõÃÇõÝÁ, ê.¶¿áñ· ºÏ»Õ»óõáÛ Â³Õ³Ï³Ý ÊáñÑáõñ¹Á ¢ ѳٳÛÝ Û³ÝÓݳËáõÙµ»ñÝ áõ ûųݹ³Ï Ù³ñÙÇÝÝ»ñÁ:
Ò»½ ÏÁ Ññ³õÇñ»Ý Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝÇݪ ºÏ»Õ»óõáÛë ³é³çÇÝ ¢ »ñϳñ³Ù»³Û ݳËÏÇÝ Ñá·»õáñ ÑáíÇõ áõ ²½·³ÛÇÝ ì³ñųñ³ÝÇ ïÝûñ¿Ýª
î. ²ðÞ²Ø ². øÐÜÚ. äà¼àÚº²Ü-Ç
í³Ë׳ÝÙ³Ý 9ñ¹. ï³ñ»ÉÇóÇÝ ³éÃÇõ, áñ ï»ÕÇ åÇïÇ áõÝ»Ý³Û ìÇë»Ýÿ Èá÷»ëÇ ê. ¶¿áñ· ºÏ»Õ»óõáÛ Ù¿ç, ÎÇñ³ÏÇ 6 ²åñÇÉ, ųÙÁ 10£30ÇÝ£
вÔà𸲶ðàôÂÆôÜ
Î
Á ï»Õ»Ï³óÝ»Ýù Ù»ñ ѳõ³ï³ó»³ÉÝ»ñáõÝ, ÿ Ø»Í ä³Ñáó ÁÝóóùÇÝ, (ÙÇÝã»õ ̳Õϳ½³ñ¹, 13 ²åñÇÉ) âáñ»ùß³µÃÇ ûñ»ñÁ, ³é³õûï»³Ý Å³ÙÁ 10.30-ÇÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ ²ñ»õ³·³ÉÇ Ä³Ù»ñ·áõÃÇõÝ. ÇëÏ àõñµ³Ã ûñ»ñÁ »ñ»ÏáÛ»³Ý ųÙÁ 6.00-ÇÝ ÐëÏÙ³Ý ²ñ³ñáÕáõÃÇõÝ£ ²ñ»õ³·³ÉÁ »õ ÐëÏáõÙÁ Û³ïáõÏ »Ý Ø»Í ä³Ñáó, áñ ³Ûë ï³ñÇ ÏÁ ëÏëÇ 3 سñïÇ ºñÏáõß³µÃÇ ûñ, áñáõÝ Ý³Ëáñ¹áÕ ÎÇñ³ÏÇÝ (2 سñï) ´áõÝ ´³ñ»Ï»Ý¹³Ý (¶³ñݳõ³É) ¿£ êïáñ»õ Ïáõ ï³Ýù Ø»Í ä³Ñáó âáñ»ùß³µÃÇ, àõñµ³Ã, Þ³µ³Ã »õ ÎÇñ³ÏÇ ûñ»ñáõ Ãáõ³Ï³ÝÝ»ñÝ áõ îûÝ»ñÁ. âàðºøÞ²´ÂÆ.- ²ñ»õ³·³ÉÇ Ä³Ù»ñ·áõÃÇõݪ ųÙÁ 10.30.²åñÇÉ 9 àôð´²Â.- Ê³Õ³Õ³Ï³Ý Ä³Ù»ñ·áõÃÇõÝ »õ ÐëÏáõÙª ųÙÁ 18.00.²åñÇÉ 4, 11,£ Þ²´²Â.- ÎÁ ÛÇß³ï³ÏáõÇÝ êñµáó ïûÝ»ñ.²åñÇÉ 5, Ø»ñ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñãÇ ëáëϳÉÇ ã³ñã³ñ³ÝùÝ»ñáõ »õ ìÇñ³å ÙáõïùÇ îûÝÝ ¿£ ²åñÇÉ 12, ÚÇß³ï³Ï Ô³½³ñáëÇ Ú³ñáõû³Ý£ ²åñÇÉ 19, ²õ³· Þ³µ³Ã£ ÎÆð²ÎÆ.- àõÝÇÝ Çñ»Ýó Ù³ëݳõáñ ³ÝáõÝÝ»ñÁ, áñáÝù ÁݹѳÝñ³å¿ë ³éÝáõ³Í »Ý ûñáõ³Ý ³õ»ï³ñ³Ý¿Ý ϳ٠³é³Ï¿Ý. ²åñÇÉ.- 6, ¶³Éëï»³Ý 13, ̳Õϳ½³ñ¹ Ú³çáñ¹ ß³µ³ÃÁª ²åñÇÉ 14-¿Ý 19 ²õ³· Þ³µ³ÃÝ ¿ ÇëÏ 20 ²åñÇÉÇ ÎÇñ³ÏÇ ûñÁ êáõñµ Ú³ñáõû³Ý ¼³ïÇÏÇ îûÝÝ ¿£ ¸Æô²Ü ²¼¶²ÚÆÜ ²è²æÜàð¸²ð²Ü
ARMENIA
թեան արդէն անդամ կարծելու Փութինի յաղթանակի սկզբնական համոզումը այնքան ալ ճիշդ դուրս չեկաւ: Խրիմի մէջ Մարտ 16ի հանրաքուէն, անոր արդիւնքն ու ռուսական հակազդեցութիւնը արդէն ծանօթ սենարիօ կը թըւին: սահմանադրականօրէն այդ իրաւունքն ունեցող Խրիմը պարզ է որ նաեւ ռուսական ուժային ցուցադրութիւն էր: Թէ որքանով անջատման թեր ինիսուն տոկոսի քուէները կ’արտայայտեն թերակղզիի բնակչութեան կամքը՝ առնուազն հարցական է: Յստակ է միայն որ այս հանրաքուէն, թէկուզ եւ սահմանադրական, ազատ ու թափանցիկ քուէարկութեան մը արդիւնքը ըլլալէ շատ հեռու է: Մինչեւ քուէարկութիւն եւ անկէ անմիջապէս յետոյ, Քրեմլինը ե՛ւ Խրիմի, ե՛ւ ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններու, ե՛ւ Մոսկուայի, սան Փեթերզպուրկի եւ ռուսական այլ մեծ քաղաքներու մէջ ազգայնականութեան հրապարակային արտայայտութիւնները բազմացուց: Բայց Խրիմի դիմումին՝ մաս կազմելու Ռուսիոյ Փութին պատասխանեց Խրիմի անկախութիւնը ճանչնալու հրամագրով մը: Պատգամը դարձեալ Արեւմուտքին, բայց այս անգամ շատ աւելի դիպուկ կերպով Քիեւին է. Խրիմը 1991ի նման դիւանագիտական առուծախի առարկայ պիտի չըլլայ, անոր իրաւական անկախութենէն ետդարձ դժուար թէ կատարուի: սպառնալիքը պարզ է. ինքնորոշման իրաւունքի միեւնոյն խաղաքարտը կարելի է օգտագործել երկիրը մասնահատելու համար: Խրիմի պատերազմը 185356 տասնիններորդ դարու ամենայատկանշական իրադարձութիւններէն մէկն էր: Խրիմէն ցարական կայսրութիւնը ատեն մը կը հաւակնէր ազատագրել կոստանդնուպոլիսը եւ վերահաստատել եկրորդ Հռոմը: Բայց այդ պատերազմին, որուն վկայ եղաւ Թոլսթոյ հետագային գրելու համար իր կոթողային Պատերազմ եւ Խաղաղութիւնը, Ռուսիա իր դէմ գտաւ եւրոպայի «Հիւանդ Մարդ»ուն զօրակցութեան փութացած Անգլիան ու Ֆրանսան յանուն սրբութիւն սրբոց ուժերու հաւասարակշռութեան պահպա-
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 3 ²åñÇÉ 2014
նումին: Խրիմի պատերազմի սկիզբէն 160 տարի յետոյ, աշխարհաքաղաքական այդ նոյն տարածաշրջանին մէջ պիտի հաստատագրուի՞ քսանմէկերորդ դարու ուժերու միջազգային հաւասարակշռութեան նոր կառոյցը եւ Ատլանտեանի երկու ափերը իրարու միացնող Արեւմուտքը պիտի աւարտի՞ հոն ուր նոր ծնունդ առնող եւրասիոյ սահմանը պիտի դրուի: Այդ մասին պիտի խօսին երկող օրերու իրադարձութիւնները: Խրիմի հանրաքուէն, սակայն, կրկին անգամ լուսարձակի տակ առաւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը, անգամ մը եւս, դժբախտաբար, որպէս մեծապետական մրցակցութեան խաղաքարտի: Հետեւաբար, ճիշդ չէ սկզբունքային պարզունակ զուգահեռ մը գծել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի գործածութեան եւ Խրիմի մէջ այդ սկզբունքի գործադրման միջեւ: Խրիմի հայութիւնը, ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, անջատման թեր քուէարկած է: Արցախի Արտ Գործ նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց ինքնորոշման իրաւունքի վերահաստատումը կատարելով, միաժամանակ մաղթելով որ Խրիմի քաղաքական ճգնաժամը լուծում գտնէ խաղաղ եւ օրինական ճանապարհով: Հայաստանի Արտ Գործ նախարար Էտուարտ նալպանտեանը հասկնալիօրէն աւելի զգուշաւոր էր: Խրիմի անկախութիւնը ճանչնալու հարց պիտի դրուի՞ Հայաստանի առաջ, հասկնալիօրէն՝ Ռուսիոյ կողմէ: Յստակ է, որ որքան ալ որ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը արցախեան հիմնախնդրի լուծման ենթահողն է, Մոսկուայի կողմէ անոր նման շահագործումը Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն համար դրական չէ բնաւ: Խրիմի անկախութեան (առայժմ) միակողմանի ճանաչումը Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիայի անկախութիւններու ճանաչման տրամաբանութեան մէջ կ’իյնայ: Ռուսիոյ այս վերաբերմունքը հակազդեցութիւնն է արդէն երկու տասնամեակէ ի վեր միակողմանի միջամտութիւններով ինքզինք աշխարհին պարտադրող Մ. նահանգներու մեծապետական վերա-
Ð᷻ѳݷÇëï
ÎÇñ³ÏÇ, 6 ²åñÇÉÇÝ, Û³õ³ñï êáõñµ ä³ï³ñ³·Ç, Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿ç, Ù»ñ ëÇñ»ÉÇ ³ÙáõëÝáÛÝ, Ñûñ »õ Ù»Í Ñûñª
àÕµ.Îð¾ÎàðÆú ¾îàô²ðîú ʲâ²îàôðº²Ü-Ç
Ù³Ñáõ³Ý 3ñ¹ ï³ñ»ÉÇóÇÝ ³éÇÃáí£ Ü»ñϳÛë ÏÁ ͳÝáõó³Ý»Ýù Ç ·ÇïáõÃÇõÝ Ù»ñ ³½·³Ï³ÝÝ»ñáõÝ »õ å³ñ»Ï³ÙÝ»ñáõÝ£
²ÛñÇÝ, ¼³õ³ÏÝ»ñÁ, ÂáéÝ»ñÁ »õ ÀÝï³Ý»Ï³Ý µáÉáñ å³ñ³·³Ý»ñÁ
բերմունքին, որուն յաճախ մեղսակից են եւրոպայի պետութիւնները: Այդ վերաբերմունքը մասնաւորաբար գրգռեց Մոսկուային 2008 Փետրուարին Քոսովոյի անկախութեան ճանաչումով: Ճիշդ է, ՕԹԱնի դաշնակիցները շատ աւելի համոզիչ կերպով միջազգային օրէնքի սահմաններուն մէջ շարժեցան Քոսովոյի պարագային եւ ոչ միայն ՄԱկի ճամբով ըրին ամէն ինչ այլ նաեւ յայտարարեցին որ պարագան նախընթաց պիտի չստեղծէր եւ յատուկ էր միայն Քոսովոյի: Այդ մէկը, պարզ է, Քրեմլինի համար նշանակութիւն չունէր: Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա եւ հիմա Խրիմ՝ Ռուսիան ինքնորոշման իրաւունքի գործադրման ի՛ր տարբերակըն է որ կը պարտադրէ, առաւելի իմաստազրկելով սկզբունքը: Արցախը առաջինը եղաւ որ ինքնորոշման իրաւունքը սահմանադրականօրէն, խաղաղ պայմաններու մէջ եւ առանց արտաքին ոչ մէկ միջամտութեան ժողովրդային հանրաքըւէի ճամբով գործադրեց: Օրին Քրեմլինը կառչած մնաց սահմաններու անփոփոխութեան, որ համազօր է տարածքային ամբողջականութեան: սահմանային փոփոխութիւնները սոցիալիզմը կառուցողներու տրամաբանութեամբ միայն Համայնավար կուսակցութեան Քաղբիւրոն կը կատարէր, վկայ՝ Խրուշչեւի կողմէ ուքրանիոյ նուէր տրուած Խրիմը որ հիմա Ռուսիա կը վերապահանջէ որ պէս իր պատմական տարածքի մէկ մասը... Արցախեան հիմնախնդիրը Մոսկուայի համար ինքնորոշման իրաւունքով երբեք չսահմանուեցաւ: Մինսքի Խմբակը, որ այն ատեն ճիշդ որոշումով ներգրաւեց նաեւ Միացեալ նահանգներն ու Ֆրանսան, տագնապի երկու կողմերուն միջեւ միշտ հաւասարութիւն պահելու նախանձախընդրութեամբ լաւագոյն պարագային երկու սկզբունքները՝ ինքնորոշման իրաւունք եւ տարածքային ամբողջականութիւն, իրարու հաւասարեցուց, ի հարկին աւելի կշիռ տալով երկրորդին: Մինսքի խմբակին մէջ ալ Ռուսիա մասնաւոր ճիգ մը չընէր ինքնորոշման իրաւունքը Արցախին ի նպաստ գործածելու ուղղութեամբ: Ինքնորոշման իրաւունքի այս միջազգային խեղաթիւրումը կրնայ կասեցուիլ միայն եթէ Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա եւ հիմա Խրիմ, որպէս իրողական անկախ պետութիւններ քայլ առնեն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հաստատագրման ուղղութեամբ: կամ՝ եթէ սկովտիոյ կամ Քաթալունիայի մէջ այս տարի սպասւող անկախական հանրաքուէներուն նախաձեռնող կողմերը այնքան յանդուգն ըլլան որ ոչպաշտօնական կամ այսպէս կոչուած «երկրորդ ուղի»ի դիւանագիտութեան ճամբով կապեր հաստատեն ինքնորոշման իրաւունքին դիմած ժողովուրդներուն հետ: Տակաւի՛ն կարելի է մտածել քիւրտերուն մասին՝ Իրագ եւ սուրիա: Այն ատեն միայն միջազգային բեմահարթակին վրայ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի օրինական գործընթացի մը բանաձեւման յոյսը կարելի է տեսնել: