24 Ապրիլ 1915
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.538 - 1 سÛÇë 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառի պատասխանը Էրտողանի
«Հայ ժողովուրդը ցաւակցութիւն չէ որ կը սպասէ Թուրքիոյ պետութենէն, այլ` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը կը պահանջէ» Հինգշաբթի, 24 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յատուկ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99ամեակը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատոյց Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան։ Յաւարտ պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ Մայրավանքի Նահատակաց Մատրան շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեան, որոնց շարքին՝ Հայաստանի Հանապետութեան դեսպանը, ներկայ եւ նախկին հայ երեսփոխաններ ու նախարարներ, քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Ստորեւ կու տանք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը.-
99
տարիներ մեզ կը բաժնեն այն թուականէն երբ Օսմանեան թուրք պետութեան որոշումով, ծրագրումով ու գործադրութեամբ սկսաւ ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ։ Օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնը նկատուող ներկայ Թուրքիան որքան ալ ուրանայ իր գործած ոճիրը, պատմական փաստացի տուեալներ յստակօրէն կը վկայեն հայոց ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի իրողութիւնը ու անոր ետին կանգնող աշխարհաքաղաքական դրդապատճառները։ Այսօր, երբ հայ ժողովուրդը աշխարհի բոլոր կողմերը միասնական ոգիով ու ամուր վճռակամութեամբ կը յիշէ իր դէմ գործադրուած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ արդարութիւն կը պահանջէ, ու միաժամանակ կը պատրաստուի նշելու Ցեղասպանութեան 100ամեակը, միջազգային համայնքը պէտք է անդրադառնայ, որ ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի հայ ժողովուրդին դէմ։ Այո՛, 24 Ապրիլ 1915ին սկսած եւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ձգտող Թուրքիոյ ցեղասպանական ծրագիրը հայ ժողովուրդին դէմ կը շարունակուի զանազան ձեւերով ու միջոցներով… - Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ տակաւին անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը իր գործած ոճիրին նկատմամբ, երբ անպատժելիութիւնը մերժող ու դատապարտող և արդարութիւնը շեշտող միջազգային օրէնքը ընդունած որոշ երկիրներ աշխարհաքաղաքական նկատումներով չեն ուզեր գլխացաւ պատճառել Թուրքիոյ։ - Ցեղասպանութիւնը կը շա-
րունակուի՝ երբ տակաւին որպէս արդիւնք ցեղասպանութեան սփիւռքացած կը մնայ հայ ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը։ Արդարեւ, Ցեղասպանութեան Ուխտի երկրորդ յօդւածը յստակօրէն կը նշէ թէ ցեղասպանութիւն է երբ ժողովուրդ մը արմատախիլ կ՜ըլլայ իր հողերէն, դառնալով հայրենազուրկ ու ենթակայ ֆիզիքական կորստեան։ Ինչո՞ւ լուռ կը մնան Ցեղասպանութեան Ուխտը ստորագրած եւ այլ պարագաներուն անոր գործադրութեան այնքան խստապահանջ 145 պետութիւններէն շատե~ր… - Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ պատմական հողերուն վրայ ծրագրուած ու հետեւողական կերպով կը քանդուի ցեղասպանին կողմէ՝ մեր պապերու արիւնով ու քրտինքով շաղախուած հողերուն վրայ հայութեան հետքերը ամբողջութեամբ բնաջնջելու ոճրային հեռանկարով։ Ինչո՞ւ անտարբեր կը մնայ մշակութային արժէքներու պահպանութեան գծով այնքան բծախընդիր Իւնեսքօն… - Ցեղասպանութիւնը կը
շարունակուի՝ երբ մեր եկեղեցիներն ու վանքերը մզկիթի, ճաշարանի, գործատեղիի կամ զբօսավայրի կը վերածէ նոյն ցեղասպանը. իսկ միւս կողմէ, արեւմըտեան աշխարհին ժողովրդավարութեան ու խղճի ազատութեան կեղծ դիմակով ներկայանալու ճիգով, մի քանի եկեղեցիներ թանգարանի կը վերածէ։ - Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ թուրք պետութիւնը անցեալէն ժառանգուած «լքեալ կալուածներ»ու թղթածրարը յաջորդական նոր որոշումներով ամրագրած, տակաւին բռնագրաւեալ կը պահէ մեր հազարաւոր եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածները ու մեր ժողովուրդի սեփական տուները, կալուածներն ու ինչքերը։ Միթէ միջազգային օրէնքի պաշտպան երկիրներ չե՞ն գիտեր թէ կալուածներու բռնագրաւումը դէմ է միջազգային օրէնքի։ - Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ Թուրքիան իրեն գործակից ու ցեղասպանակից եղբօր Ազրպէյճանի հետ միասին տնտեսական շրջափակումի կ՜ենթարկէ Հայաստանը, այս ձեւով իր քաղաքական կամքը պարտադրելու Հայաստանի Հանրապետութեան ու ամբողջ հայութեան։ - Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ զօրաշարժի ենթարկելով իր քաղաքական, դիւանագիտական ու տնտեսական լայն միջոցները, Թուրքիան վերանորոգ թափով կը շարունակէ իր հակահայ քարոզչական արշաւը։ - Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ Թուրքիան նոր Օսմանեան կայսրութիւն մը հաս(Þ³ñ.Á ¿ç II)
Հայեւթուրք յարաբերութեանց էութիւնը եւ Հայ Դատի պայքարին այբուբենը
Ա
պրիլ 24 է դարձեալ եւ աշխարհի չորս ծագերէն իրաւատէր հայութիւնը միասնաբար, իր վճռական բըռունցքը երկինք պարզած, ոտքի կը կանգնի եւ կը պահանջէ քաղաքական աշխարհէն, յատկապէս թրքական պետութենէն, որ Հայաստանի կործանման եւ հայութեան բնաջնջման թուրք պետական ոճրագործութիւնը ճանչցուի իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ ցեղասպանական յանցագործութիւն։ Ճանչցուի՝ որպէսզի քաղաքական արդար հատուցում կատարուի հայ ժողովուրդին։ Ճանչցուի՝ որպէսզի հայկական հողերը վերադարձուին իրենց իրաւատիրոջ, հա՛յ ժողովուրդին։ Ճանչցուի՝ որպէսզի արար աշխարհին հետ նաեւ թուրք ժողովուրդը գիտնայ ամբո՛ղջ ճշմարտութիւնը։ Որովհետեւ թրքական Մեծ Ուրացումին յաղթահարումը այն միակ ուղին է, որ կրնայ ենթահող ծառայել հայեւթուրք իսկական երկխօսութեան։ Վերջին տարիներու «հայեւթուրք յարաբերութիւններ»ը ցոյց տուին, որ ո՛չ թուրք պետական ղեկավարութիւնը պատրաստ է իր սեփական պատմութեան հետ առերեսման, ո՛չ ալ մեծապետական աշխարհը ղեկավարող ուժերը տրամադիր են վերջապէս սրբագրելու իրենց որդեգրած երկերես, այլեւ որձեւէգ քաղաքականութիւնը Հայկական Հարցին նկատմամբ։ Հայ ժողովուրդին առջեւ բաց կը մնայ մէկ ու միակ ուղի, որ ազգային իր յիշողութիւնը մշտարծարծ պահելով՝ վերանորոգումն է Հայ Դատի քաղաքական պայքարին, մինչեւ որ թրքական պետութիւնն ու աշխարհի այս գօտիին ճակատագիրը տնօրինող մեծապետական ուժերը ի վերջոյ գլուխ ծռեն Արդարութեան եւ Իրաւունքի իշխանութեան առջեւ։ Պահանջատէր հայութիւնը աշխարհով մէկ ահա՛ կը յիշէ եւ շարունակ պիտի յիշեցնէ աշխարհին, մանաւանդ Թուրքիոյ, որ Հայաստանի կործանման եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման թուրք պետական ծրագիրը դեռ չէ դատուած եւ չէ փակուած... իբրեւ գործող քաղաքականութիւն։ 99 տարի շարունակ այ՛ս կսկիծով ու ցասումով է, որ աշխարհասփիւռ ողջ հայութիւնը, անկախ իր բնակութեան վայրէն եւ տուեալ հայօճախի կազմակերպուածութենէն կամ քանակական ու քաղաքական ներուժէն, ամէնուր Ապրիլ 24ին կը պարզէ հայկական պահանջատիրութեան դրօշը՝ Թրքական պետութիւնը դնելով Իրաւունքի եւ Արդարութեան ձայնին անսալու եւ հայ ժողովուրդին ամբողջական Հատուցում կատարելու անժամանցելի պարտաւորութեան տակ։ Այսպէ՛ս է, որովհետեւ նոյնինքն հայոց մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, Ապրիլ 24ի արեւածագի ժամերէն սկսեալ, ամբողջ օրը դադար չþառներ հարիւր-հազարաւոր հայերու թափօրով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ, ուր Նահատակաց Յուշակոթողին անշէջ հուրով կը վերանորոգուի ողջ հայութեան պահանջատիրական ուխտը։ Ապրիլ 24 է դարձեալ։ 99ամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան։ Եւ հայրենի իր բնօրրանէն մինչեւ հայաշխարհի մերձաւոր թէ հեռակայ ափերը, իրաւատէր հայութիւնը վերստին շարժման մէջ դրած է իր ուժերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ բոլորուելով եւ հայոց պետականութեան կռուանին ապաւինելով, Իրաւունք ու Արդարութիւն պահանջելու համար աշխարհի ճակատագիրը տնօրինող մեծ պետութիւններէն եւ, յատկապէս, Թուրքիայէն։ Այո՛, Իրաւունքի եւ Արդարութեան հայկական պահանջը կ՚ուղղուի նա՛խ մեծապետական աշխարհին, որովհետեւ 99 տարի է ահա, որ մեծերու «ներողամիտ» հայեացքին տակ թրքական պետութիւնը ոչ միայն կը շարունակէ իր գործած ցեղասպանական ոճիրին մեղքի պտուղները անպատիժ ու անարգել վայելել, այլեւ՝ ամենայն կամակորութեամբ եւ Միջազգային Օրէնքի ու Իրաւունքի արհամարհական անտեսումով՝ յառաջ մղել Մեծ Ուրացման իր քաղաքականութիւնը։ Փաստօրէն մեծապետական աշխարհի անուղղակի թէ ուղղակի խրախուսանքով 2009ին հրամցուեցաւ եւ այսօր ալ հետեւողական ճնշում կը բանեցուի, յառաջ մղելու համար Թրքական Ուրացումը այս կամ այն տարազով օրինականացնելու քաղաքականութիւնը՝ այսպէս կոչուած «Հայեւթուրք Արձանագրութիւններ»ու տխրահռչակ դիւանագիտութիւնը վերստին շարժման մէջ դնելու փորձերով։
(Þ³ñ.Á ¿ç III)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ARMENIA
II
Ð³Û ¸³ï Հայոց ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցին առիթով
Րեճէփ Թայյիփ Էրտողանի պատգամը
Թ
ուրքիոյ վարչապետ Րեճէփ Թայյիփ Էրտողանի պատգամը հայ ժողովուրդին Հայկական Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցին նախօրէին ոչինչ է, քան՝ յատկապէս Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շեմին, Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան նոր ձեւ մը, ըլլալով միջազգային ճնշման տակ՝ ճանչնալու եւ հաշտուելու իր անցեալին հետ: Թէեւ աննախընթաց, սակայն միշտ նպատակ ունենալով՝ խանգարել միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը՝ Թուրքիոյ կողմէ հայերուն դէմ գործած ջարդերուն, սկիզբ առած Ապրիլ 24, 1915ին: Անգամ մը եւս նշելով «1915 թուականի իրադարձութիւնները գիտական մօտեցումով հետազօտելու համար պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով կազմելու կոչ»ը՝ Էրտողան կը մոռնայ, որ անկախ գիտնականներ եւ ակադեմականներ այդ «իրադարձութիւնները» արդէն Ցեղասպանութիւն որակած են: Հայութեան բնաջնջումը դնելով Օսմանեան կայսրութեան կորուստներու ընդհանուր պարունակին մէջ, հաւասարեցնելով զոհին եւ ոճրագործին կորուստները, եւ ցաւակցութիւն մաղթելով կորուսեալներու թոռնիկներուն, Էրտողան խաղաղութիւն բերելու փոխարէն՝ անոնց յիշատակը կ’անարգէ: Հայութեան ջարդը իր պատմական հողերուն վրայ տեղի ունեցաւ, նոյնիսկ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք, պետական ծրագրումով եւ բծախնդիր գործադրումով: Եթէ Թուրքիոյ վարչապետը իր ցաւակցութիւնները կ’ուզէ յայտնել՝ նախ եւ առաջ ան պէտք է ընդունի, որ Հայկական Ցեղասպանութիւն իրագործուած է Թուրքիոյ կողմէ: «Երկու ժողովուրդներուն միջեւ, հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ, իսկական հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն չի կրնար տեղի ունենալ, բացի եթէ Թուրքիա ընդունի իր ցեղասպան անցեալը, դատապարտէ, եւ հողային ու նիւթական հատուցումները կատարէ հայ ժողովուրդին հանդէպ: Մնացեալը պարզ խօսքեր են, եւ Հայկական Ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ուրացման քաղաքականութեան շարունակութիւն», ըսաւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ եզրափակեց ըսելով՝ «այնքան ատեն, որ երկիր մը իր անցեալը չի վերանայիր, իր ոճիրը չի ճանչնար, եւ չի կրեր իր պատասխանատուութիւնը, միշտ հաւանական է, որ այս կամ այն ձեւով պիտի կրկնէ այդ ոճիրը: Ուստի, Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, եւ հատուցումը»: Հ.Յ.Դ. ԵւՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱտԻ ՅԱՆձՆԱխՈւՄբԻ ԳՐԱսԵՆԵԱԿ
üñ³Ýë³ Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ
Ֆ
«Էրտողանի ուղերձը իմաստալից է, բայց բաւարար չէ»
րանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Ապրիլ 24ին մասնակցեցաւ Փարիզի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման արարողութեան: Հանդիսութենէն ետք Հոլանտ պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն: Էրտողանի ցաւակցական ուղերձին անդրադառնալով՝ ան նշած է, որ իմաստալից խօսք է, սակայն բաւարար չէ: Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է, որ 1915ին տեղի ունեցած ողբերգութիւնը մէկ անուն ունի՝ ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հիւրրիէթ» թերթը: «Յաջորդ տարի ձեզ հետ, ձեր շարքերուն մէջ պիտի չըլլամ, որովհետև Երևանի մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի արարողութիւններուն պիտի մասնակցիմ», յայտարարած է Հոլանտ:
Կ՚ըսէ Քեն Հաչիկեան
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 1 سÛÇë 2014
Ødzó»³É ܳѳݷݻñ
«Էրտողան կը շարունակէ իր խաբէութեան արշաւը յառաջ մղել»
Մ
ենք ստացած ենք Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը։ Ան կ՚ըսէ, որ Թուրքիոյ մէջ «1915ի իրադարձութիւն ներու վերաբերեալ ազատօրէն տարբեր կարծիքներ եւ մտքեր արտայայտելը բազմակարծութեան հրամայականն է, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան եւ ժամանակակից հասարակութեան պահանջը։ Այս յոյսով եւ հաւատով է, որ մենք կը փափաքինք, որ 20րդ դարու սկիզբը իրենց կեանքը կորսնցուցած բոլոր հայերու հոգիները հանգչին խաղաղութեամբ, իսկ անոնց թոռներուն կը յայտնենք մեր ցաւակցութիւնը»։ Ան նաեւ կ՚ըսէ. «Համաշխարհային առաջին պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցածը բոլորիս համատեղ ցաւն է։ Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ բնակչութեան՝ ներառեալ հայերու ցաւը կիսելն ու անոնց յիշողութիւնները հասկնալը մեր մարդկային պարտականութիւնն է»։ Ինչպիսի՞ն է ձեր առաջին արձագանքը ասոր։ -- Ես կը կարծեմ, որ ասիկա վարչապետի կողմէ լաւ մտածւած յայտարարութիւն է, սակայն ցաւօք՝ ան կը շարունակէ յառաջ մղել խաբէութեան իր արշաւը։ Այս յայտարարութեան մէջ ան, ի հարկէ, որեւէ տեղ չի խօսիր ցեղասպանութեան մասին, այլ կը յիշատակէ «համատեղ ցաւը»։ Ես չեմ գիտեր ան «համատեղ ցաւ» ըսելով ի՞նչ նկատի ունի։ Մեր ծնողները, մեր
«Հայ ժողովուրդը... (Þ³ñ. ¿ç I-Ç)
տատելու իր ակնյայտ ծրագիրը հետապնդելով, վարձկաններու ձեռքով կը փորձէ բնաջնջել հայկական ներկայութիւնը տէր Զօրի, Եագուպիէի, Թէլապյէտի, Ռաս-ուլ-Այնի եւ վերջերս Քէսապի մէջ. եւ հաւատարիմ իր ցեղային նկարագրին, մեր ժողովուրդի տուները ու կալուածները կը բռնագրաւ է եւ մեր զաւակներուն սեփականութիւնը եղող ընտանեկան ու անձնական իրեր բեռնակարգերով կը փոխադրէ Թուրքիա՝ յիշեցնելով 1915ի ջարդերը, տեղահանութիւնը, գաղթականութիւնը ու թալանը… եւ սա՝ 21րդ դարուն աշխարհի աչքերուն դիմաց… - Վերջապէս, ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի՝ երբ Թուրքիան ո՛չ միայն կը մերժէ ճանչնալ իր ծրագրած ու գործադրած ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ պատմութիւնը եղծելով «դաւաճան» ու «անհաւատարիմ» որակումներով կը փորձէ ներկայացնել հայ ժողովուրդը, որ այնքա~ն կարեւոր դեր էր ունեցած Օսմանեան կայսրութեան բարեծաղկման մէջ, յատկապէս տնտեսական մարզէն ներս։
Ստորեւ Հ.Յ.¸. Միացեալ Նահանգներու Հայ ¸ատի Յանձնախումբի նախագահ Քեն Հաչիկեանի §Ազատութիւն¦ ձայնասփիւռի կայանին հետ կայացած հարցազրոյցէն հատուածներ։
րուն համար, որ մենք կրած ենք, իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ գործած սպանութիւններուն, հայ ազգի ցեղասպանութեան՝ ո՞ւր է հատուցումը, վնասի վերականգնումը։
պապերը, մեր նախահայրերը… մեր ժողովուրդը, մեր ազգն է, որ տառապած է, եւ գրեթէ բնաջնջուած է։ Այսօր Թուրքիան կը վայելէ այդ սպանութեան, այդ ցեղասպանութեան պտուղները… բազմաթիւ հողեր եւ կալուածներ, հարստութիւն, որ կուտակուած է այդ երկրին մէջ, չարիքի պըտուղն է՝ մեր հայրենակիցներէն, մեր հաստատութիւններէն, մեր եկեղեցիներէն խլուած է։ Թուրքիան միայն շահած է իր գործած այս ոճիրին իբրեւ արդիւնք, եւ այժմ Էրտողան «համատեղ ցաւ»ի՞ մասին կը խօսի։ Չեմ հասկնար՝ ի՞նչ «համատեղ ցաւ»ի մասին է խօսքը։ Ան բարի գտնուած է՝ ըսելով, որ կը ցաւակցի, սակայն ինչի՞ համար ան «կը ցաւակցի»։ Ան պարզապէս կ՚ըսէ՝ կը ցաւակցի այն կորուստնե-
-- բայց թերեւս ասիկա միայն առաջին քայլ է՝ նախքան այլ բան ընելը։ Դուք Թուր քիոյ դիրքորոշման մէջ որոշակի մեղմացում չէ՞ք տեսներ։ -- Ոչ, կարելի է ըսել, որ Էրտողանը որոշ առումով կը փորձէ մեղմացնել դիրքորոշումը իր երկրի հասարակութեան համար. թերեւս ճիշդ այդ ալ տեղի կ՚ունենայ։ սակայն միւս կողմէ՝ ան գիտէ, թէ ինչ տեղի ունեցած է՝ շատ լաւ գիտէ, թէ իրականութեան մէջ ինչ եղած է, եւ ան պէտք է քաջութիւնը ունենայ եւ բարձրաձայնէ այդ։ Մենք պիտի ճանչնանք անոր վաստակը՝ եթէ ան տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն անուանէ, եւ համարժէք քննարկումներ ծաւալէ արդարացի փոխհատուցման շուրջ։ բայց այս յայտարարութիւնը, իմ կարծիքովս, աւելին չէ, քան լաւ կշռադատուած դիւանագիտութիւն՝ կեղծաւոր յայտարարութիւն մը, որ կը շարունակէ թրքական ուրացման արշաւը եւ ատոր մէջ որեւէ յառաջընթաց տեսնել հնարաւոր չէ։
Ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ Թուրքիայէն միջազգային դատարանին առջեւ։ Ինչո՞ւ արաբական աշխարհը անտարբեր կը մնայ Միջին Արեւելքէն ներս Թուրքիոյ ժըխտական դերակատարութեան ու ծաւալապաշտ քաղաքականութեան նկատմամբ։ Ինչո՞ւ միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ անպատժելիութեան վկայագիր շնորհել Թուրքիոյ՝ անտեսելով մարդկային, բարոյական ու իրաւական արժէքներն ու սկզբունքները։ Երէկ գիշեր կարդացինք Ապրիլ 24ի առիթով Թուրքիոյ վարչապետին «պատգամը» ուղղուած հայութեան: Արդարեւ, պատմական դէպքերու չարափոխութիւնը չի կրնար յաղթահարել պատմութեան անհերքելի ճշմարտութիւնը: Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915 թուականին Թուրքիոյ մէջ, պատերազմի հետեւանքով պատահած դէպքեր չէին, պարոն վարչապետ, այլ` ցեղասպանութիւն էր հայ ժողովուրդին դէմ բառին իրաւական ու քաղաքական հասկացողութեամբ. Ցեղասպանութիւն՝ կազմակերպուած ու գործադրուած քու նախահայրերուդ, Թալեաթ Փաշաներու ու էնվերներու կողմէ իմ
նախահայրերուս դէմ: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը ցաւակցութիւն ու բարոյախօսութիւն չէ որ կը սպասէ Թուրքիոյ պետութենէն, այլ` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը կը պահանջէ: Արդ, արթուն՝ եղիր, ժողովուրդ հայոց, ցեղասպան նո՛յն Թուրքիան է որ զանազան դիմակներով կը ներկայանայ աշխարհին եւ երբեմն քաղցր ու երբեմն կարծր լեզուով, երբեմն դիւանագիտական մօտեցումով ու երբեմն սպառնալիքով կը փորձէ մոլորեցնել հանրային կարծիքը հայ ժողովուրդի արդար դատին նկատմամբ։ Հակառակ Թուրքիոյ հետըզհետէ ծաւալող հակահայ քարոզչական արշաւին, մենք պէտք է մնանք աւելի քան երբեք պահանջատէր՝ ցեղասպանէն ու միջազգային համայնքէն պահանջելով հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը։ Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ պէտք է կազմակերպենք ու արժեւորենք հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակը, միասնականութիւնը ու վճռակամութիւնը դարձնելով մեր պահանջատիրական պայքարի մղիջ ուժը։
ARMENIA
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 1 سÛÇë 2014
III
²ÏݳñÏ
(Þ³ñ. ¿ç I-Ç)
Այդ պատճառով ալ պահանջատէր հայութիւնը աշխարհով մէկ, իր մեծով ու պզտիկով, յատկապէս Ապրիլ 24ի այս օրերուն, ողջ աշխարհին կը ներկայանայ միեւնոյն պահանջով, որ այլեւս վերջ տրուի Թըրքական Ուրացումին եւ յատկապէս անոր դիւանագիտական օրհնութիւն շնորհելու մեծապետական անարգ քաղաքականութեան։ Յատկապէս մեծապետական ուժերուն համար գաղտնիք չէ, թէ Թուրքիոյ պետական ղեկավարութիւնը ինչպիսի՛ խուճապով հնարքներ կը փնտռէ՝ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան իր Մեծ Ուրացումը շարունակելու համար։ Ո՛չ մէկ արդարացում ունի մեծապետական ուժերուն, յատկապէս Մ. Նահանգներուն դըրսեւորած երկու չափ, երկու կըշիռի ամօթալի վարքագիծը Հայկական Հարցին նկատմամբ։ Մեծապետական աշխարհը այսօր, հոս կամ հոն, Օրէնքի ու Ժողորդավարութեան, Իրաւունքի եւ Արդարութեան անունով նոյնիսկ զէնքի ուժով պատժական քայլերու կը դիմէ գործուած եւ շարունակուող որոշ ցեղասպանութեանց դէմ։ բայց երբ կարգը կը հասնի հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործած ցեղասպանութեան եւ անոր շարունակւող հետեւանքներու սրբագրումին, նոյն այդ իրաւապահ, ազատախոհ ու արդարադատ նշանաբաններով իբր թէ առաջնորդուող մեծապետական ընտանիքը կը սկսի քաղաքական ու դիւանագիտական տարբեր նուագի տակ պարել... Մեծապետական քաղաքականութիւնը կը փորձէ չարափոխել հայեւթուրք հակադրութեան էութիւնը, կ՚աշխատի քաղաքական իր բուն նշանակութենէն պարպել Հայասպանութեան ճանաչման հրամայականը՝ փոխարէնը շեշտելով հայեւթուրք երկխօսութեան, մերձեցման եւ Հայաստան-Թուրքիա միջ-պետական յարաբերութեանց բնականոնացման կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը։ Ո՛չ թրքական Ուրացումը, ոչ ալ մեծապետական աջառութիւնը կրնան սոսկ պատմաբաններու դատաստանին վերապահուած վիճելի հարցի մը վերածել արեամբ արձանագրուած Հայասպանութեան դաժան ճշմարտութիւնը։ 24 Ապրիլ 1915ին կատարւեցաւ զանգուածային ձերբակալութիւնը Պոլիս ապրող հայ ժողովուրդի ներկայացուցչական դէմքերուն։ Աւելի քան 250 հոգեւորական, ազգային-քաղաքական, գրական-մտաւորական եւ մշակութային ղեկավար գործիչներ, մէկ գիշերուան մէջ, նախապէս պատրաստըւած եւ հայ դաւաճան-մատնիչներով ստուգուած ցանկերու հիման վրայ, ձերբակալուեցան ու աքսորուեցան Չանղրի եւ Այաշ, որպէսզի ճամբու ընթացքին կամ աւարտին ամենայն
Հայեւթուրք յարաբերութեանց էութիւնը եւ Հայ Դատի պայքարին այբուբենը
վայրագութեամբ մորթուին... բառին բուն իմաստով հայ ժողովուրդի գլխատման պետական ոճրագործութիւն էր կատարուածը։ Այդ պատճառով ալ 24 Ապրիլը դարձաւ սեւ ու արիւնալի խորհրդանիշ թուականը հայ ժողովուրդի նահատակութեան։ Նոյն պատճառով է, նաեւ, որ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը, Մեծ Եղեռնի մեր բիւրաւոր նահատակներու ոգեկոչման սուգի օր հռչակելով հանդերձ Ապրիլ 24ը, տարիներու թաւալումին հետ աստիճանաբար իր մէջ զարգացուց եւ արմատաւորեց այն համոզումը, որ Հայաստանի եւ հայութեան համար տարւան բոլոր օրերը Ապրիլ 24 են այնքան ժամանակ, որքան արդարադատութեան առջեւ դեռ չէ բերուած ցեղասպան թրքական պետութիւնը եւ չէ արժանացած Մեծ Հատուցման արդար դատավճռին։ Նահատակուած հայ ժողովուրդին նախ ազգային յիշողութիւնը կը խոցեն, ապա հայուն ազգային արժանապատւութիւնը կը վիրաւորեն բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն «անցեալի տխուր դէպքեր» որակել կամ, լաւագոյն պարագային, «Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործուած հայոց մեծ ջարդ» կոչել կատարուածը։ Անցեալը անցեալին մէջ թաղելու եւ սեփական գլուխը աւազին մէջ խրելով թաքնուելու ջայլամի քաղաքականութիւն է այդ մօտեցումը, որ խորքին մէջ, ազգային մեր յիշողութեան հետ ու կողքին, խաթարել կը փորձէ ամբողջ մարդկութեան յիշողութիւնը։ Եւ ինչո՞ւ... Որպէսզի Մեծ Եղեռնի 100ամեակի սեմին Թուրքիոյ վարչապետը կարենայ դարձեալ եւ «առօք-փառօք» արար աշխարհին հեգնաբար յայտարարել, թէ ոչ մէկ թուրք իշխանաւոր պիտի ընդունի, որ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն գործուած է, որովհետեւ թուրք ազգային յիշողութեան մէջ իբր թէ նման բան չկայ, պատահած չէ եւ ոչ մէկ քաղաքական ուժ կրնայ թըրքական պետութեան ստիպել, եղե՜ր, որ նման պատուէրի տակ փորձէ փոխել... սեփական ժողովուրդին յիշողութիւնը։ Որպէսզի նաեւ - ու աւելի մտահոգիչը - մերօրեայ աշխարհին ղեկը տնօրինող մեծապետական ուժերու առաջնորդները ճնշումի տակ չառնուին սեփական հանրային կարծիքին եւ միջազգային հասարակութեան կողմէ, բացատրութիւն տալու համար, թէ ինչո՛ւ անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը եւ չ՚ենթարկուիր արդար դատաստանի։ Ապրիլ 24ի 99րդ տարելիցը, այս առումով, կու գայ շեշտելու,
որ ժամն է Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը Հայասպանութեան ճանաչումէն ու դատապարտումէն անդին տանելու եւ նախ՝ Հայասպանութեան ուրացումը ամէնուրեք քրէական, օրէնքո՛վ պատժելի յանցագործութիւն հռչակելու, ապա՝ նոր ժամանակներու օրինականութեամբ թրքական պետութիւնը դնելու հայ ժողովուրդին ամբողջական՝ մարդկային, քաղաքական եւ հողային հատուցում կատարելու իր անժամանցելի պարտաւորութեան առջեւ։ Պատմութիւնը բաւարար ու անհրաժեշտ ամէն արձանագրութիւն ունի, որպէսզի հաստատէ, թէ պետականօրէն ծըրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան ճամբով հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Հայաստանը իւրացնելու ահաւոր ծրագիրը ու կը շարունակէ մընալ մտասեւեռումը թուրք պետական մտածողութեան ամէն գոյնի եւ բոլոր ժամանակներու ներկայացուցիչներուն։ Նոյնիսկ Ապտիւլ Համիտով չսկսաւ, ինչպէս որ Իթթիհատով վերջ չգտաւ Հայասպանութեան ահաւոր ծրագրին հետապնդումը թրքական պետութեան կողմէ։ Մինչեւ Համիտ, սուլթանները ե՛ւ ամէնօրեայ կեղեքումներու, ե՛ւ պարբերական կոտորածներու ճամբով հայկական հողերը հայաթափման ենթարկելու քաղաքականութիւն վարեցին։ Համիտ պարզապէս փորձեց կազմակերպուած հունի մէջ դնել դարաւոր այդ քաղաքականութիւնը։ Իսկ Իթթիհատը մեկնակէտ ունեցաւ այն համոզումը, որ հայաջնջումի Համիտեան քաղաքականութիւնը անյոյս էր միջազգային արգելքի պայմաններուն մէջ. պէտք էր մշակել եւ պատրաստ վիճակի բերել Հայասպանութեան պետական ծրագիրն ու ցեղասպանական մեքենան, որպէսզի համաշխարհային իրարանցումի «յարմար» պահու մը կարելի ըլլար ամբողջ թափով շարժման մէջ դնել հայերու բնաջնջման ծրագրին արմատական իրականացումը։ Աւելի՛ն. Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներուն վրայ թրքական պետութեան վերականգնումին ձեռնարկած Մուսթաֆա Քեմալն ալ իր կարգին չվարանեցաւ յոխորտալու, որ Թալէաթի կիսատ թողած գործը ինք աւելի ձեռնհասօրէն աւարտուն տեսքի բերաւ։ Մէկ կողմէ Ռուսաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութեան հետ գործակցութիւն հաստատեց եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանները տարածեց Արեւելահայաստանի վրայ՝ հարիւրհազարաւոր հայերու յաւելեալ արիւն հեղելով այդ միջոցին, իսկ միւս կողմէ՝ գաղութարար Ֆրանսայի հետ սադրանքի մէջ մտաւ ի խնդիր Կիլիկիոյ հայա-
թափումին։ Պատմաբանները ամենայն ձեռնհասութեամբ իրազեկ են այս բոլորին։ Ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան արխիւները, այլեւ մեծապետական բոլոր երկիրներու ազգային արխիւները յագեցած են համապատասխան փաստաթուղթերով։ Կարեւորը յաղթահարումն է թրքական պետութիւնը անպարտ հռչակելու բուն չարիքին, որ կը յամենայ, ահա՛ 99 տարիէ ի վեր, Հայասպանութեան սեւ ու արիւնալի թղթածրարին վրայ հակող մեծապետական ուժերու ընդհանուր մօտեցումին մէջ։ Այլապէս, եթէ մեծապետական աշխարհը յաղթահարէ այդ ներքին կաշկանդումը եւ զգայ անհրաժեշտութիւնը թըրքական պետութիւնը արդար դատաստանի յանձնելու քայլին, այդ պարագային մեծերը իրենք պատրաստի բոլոր արխիւներն ու եզրայանգումները ունին, որպէսզի նախ իրենք հայ ժողովուրդին դէմ գործըւած ոճիրը կոչեն իր բուն անունով՝ Ցեղասպանութիւն եզրով, ապա՝ թրքական պետութենէն պահանջեն, որ անսայ պատմական ճշմարտութեան եւ վերջ տայ Մեծ Ուրացումին։ Այդ պարագային նոյնինքն թուրք պետական վերնախաւը, բոլորէն առաջ, ի վիճակի պիտի ըլլայ խոստավանելու, որ Թուրքիոյ պետական արխիւներուն մէջ պահպանուած են արձանագրութիւնները Իթթիհատական կառավարութեան ցեղասպանական ծրագրին, որ 1919ին Պոլսոյ Զինուորական Ատեանի կողմէ դատուեցաւ, հաստատւեցաւ եւ դատապարտուեցաւ՝ ի բացակայութեան մահավճռի արժանացնելով Իթթիհատի պարագլուխները։ Թուրք ազգային յիշողութեան մէջ ցաւագին գալարումներ առաջացնող, բայց պատմական ճշմարտութեան միայն մասնակի խոստովանող իրողութիւն է ատիկա։ Հայասպանութեան սկզբնաւորումը պէտք է կապել 1894ի Համիտեան կոտորածներուն, իսկ 1909ի Ատանայի եւ ամբողջ Կիլիկիոյ Աղէտը պէտք է նկատել Հայասպանութեան Ծրագրի վերամշակման փուլի սկիզ-
բը։ Այսօր արդէն պատմաբաններուն համար պարզ է, որ 1914ի Օգոստոսէն իսկ թրքական պետութիւնը, նոր սկսած համաշխարհային առաջին պատերազմին միանալով Գերմանիոյ կողքին, մինչեւ 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութիւնը, աքսորը եւ սպանդը, թէ՛ Կիլիկիոյ եւ թէ Արեւմտահայաստանի տարածքին գործադրութեան յանձնեց հայ զինծառայողներու զինաթափումը, հայերու զանգուածային տարագրութիւնները եւ հայ յեղափոխական ղեկավար գործիչներու դաւադրական սպանութիւնները։ 24 Ապրիլ 1915ին առանձնայատուկ ահաւորութիւնը եւ խորհրդանշական իմաստը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ Պոլսոյ հայութիւնը գլխատելու իր քայլով՝ թրքական պետութիւնը ծալեց եւ մէկդի նետեց մեծ տէրութեանց հետ հաշւի նստելու իր պարտաւորութիւնը եւ, «Զոհ»ին հետ առանձին մնացած «Դահիճ»ի վայրագութեամբ, անձնատուր եղաւ հայաջնջումի իր ծրագրին արմատական գործադրութեան։ Եւ մինչեւ 1923 թուի Լօզանի դաշնագրին ստորագրութիւնը թուրք պետական ղեկավարութիւնը ետ պատեանի մէջ չդրաւ իր արիւնոտ սուրը։ Իսկ առանց սուրի, 1923էն սկսեալ, աշխարհաքաղաքական նորաստեղծ պայմաններուն համահունչ ընթացաւ թուրք պետական մտածողութեան մէջ արմատացած՝ այսպէս կոչւած «հայկական սեպ»էն ձերբազատւելու քաղաքականութիւնը։ Ահա թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդը, յատկապէս Ապրիլ 24ի այս օրը, հաշուի կը նստի սեփական պատմութեան հետ եւ կը յիշէ ու կը յիշեցնէ աշխարհին, թէ 99 տարի առաջ ի գործ դըրւած հայ ժողովուրդի բնաջընջման թուրք պետութեան ցեղասպանական ոճիրը տակաւին կը շարունակուի, գոյն եւ եղանակ փոխած է, բայց միեւնոյն հունով առջեւ կը մղուի, որպէսզի վերջնականապէս նուիրագործուի հայկական հողերու հայաթափման ու թրքացման թուրք քաղաքականութիւնը։
ARMENIA
IV
àõñáõÏáõ³Ñ³Û λ³Ýù¿Ý
խորհրդարանը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին
Կ
ազմակերպութեամբ Օրէնսդիր Մարմնի և Հ.Յ.Դ. Հայ Դատ Յանձնախումբին, 13րդ տարին ըլլալով Ուրուկուայի Ծերակոյի նախասրահին մէջ, կատարուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով թէ պետական և թէ դիւանագիտական, որոնց մէջ էին Հ.Յ.Դ.ի բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան և Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ խաչիկ տէր Ղուկասեան, Ուրուկուայի Զբօսաշրջիկութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեանը, Մշակոյթի փոխնախարար փրոֆ. Օսգար Կոմէզ, ինչպէս նաև հոծ բազմութիւն մը։ Առաջին խօսք առնողը եղաւ Ուրուկուայի խորհրդարանի նախագահ Անիպալ բէռէյրա և կոսակցութիւններու պատգամաւորներ, որոնք ներկայացուած են խորհրդարանէն ներս։ բոլոր խօսք առնողներն ալ, նախ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը և համագործակցութիւնը յայտնելէ ետք Հայ Դատին, պատմական ակնարկ մը նետեցին 1915ի դէպքէրուն և անոնց պատճառած ահաւոր արդիւնքին, որուն իբրև զոհ մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայեր վայրագօրէն սպանդի ենթարկուեցան, թուրք պետութեան կողմէ։ Կարծիք յայտնեցին նաև այդ օրերու հզօր պետութիւններու քաղաքական շահերուն և ի վնաս հայութեան իրենց ունեցած դերի մասին։ բոլոր բանախօսներն ալ շեշտեցին որ, Միջազգային Ընտանիքը պատասխանատւութիւնը առնէ ստիպելու Թուրքիոյ կառավարութեան, որպէսզի ոչ միայն ճանչնայ իր գործադրած
մարդկութեան դէմ եղած ոճիրը այլև անոր հետևանքներու շուրջ քայլերու դիմէ, այդպիսով ճամբայ բանալով երկու երկիրներու միջև իրական խաղաղութեան։ Վերջաւորութեան, Հ.Յ.Դ. Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց երիտասարդ տօքթ. տանիէլ Աւետեանը։ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները հովանաւորեց Ուրուկուահայ բոլոր կազմակերպութիւններու կողմէ հիմնուած 100ամեակի Յանձնախումբը։ ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar
4812-4993 www.hotelwilton.com.ar
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 1 سÛÇë 2014
æ³õ³Ëù
ջ
Նպատակ եւ ռազմավարական ուղիներ
աւախահայութեան վերաբերող հարցերու քըննարկման որեւէ փորձ բնականաբար պէտք է նկատի ունենայ Թիֆլիսի կեդրոնական իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը երկրին մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ. եւ տակաւին վրացական դիտանկիւնէ` անջատուած Աբխազիոյ եւ հարաւային Օսեթիոյ իրականութիւնները կամ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան (չ)պահպանման փաստը: Փաստօրէն, Թիֆլիսը որդեգրած էր զարգանալ զիջելով տարբերակը: Դէպի Արեւմուտք, Եւրոպական Միութիւն եւ ՕԹԱՆ սրընթաց համարկումի քաղաքական վարքագիծը, եւ անոր զուգահեռ հակափտածութիւն ներքին պայքարի սաստկացումն ու իրաւական ներդրումային դաշտի կայացման միտող քայլերն ու ժողովրդավարացման համոզումի փոխանցման համար արձանագրուած քարոզչաքաղաքական գործողութիւնները Թիֆլիսին ապահովեցին արեւմտեան տարազ մը: Որոշակի տեսանելիութեամբ յատկանշուած փոփոխութիւնները, որոնք արձանագրուեցան վրացական ընդդիմութեան իրականացուցած իշխանափոխութեամբ, այսուհանդերձ քաղաքական արտաքին վարքագիծի կտրուկ փոփոխութիւններու տեղի չտուին: Նոյն մեղմութեամբ փոփոխութիւններ երեւցան նաեւ ներքին առումով եւ ջաւախահայութեան ուղղուած կեդրոնական իշխանութիւններու գեղագիտական փոփոխութիւնները նշմարելի դարձան: Թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին
Մ
մակարդակներու վրայ կտրուկ շրջադարձերու հետամուտ չեն սահակաշվիլիի իշխանութիւնը տապալողները: Վրաստանը տարածաշրջանին մէջ իր դիրքն ու դերակատարութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ ճշդած էր: Զարգանալ չզիջելով կարգախօսին տակ իրականացուելիք քաղաքականութիւնը հայկական կողմին կը ստիպէ չդիմել վրացական քաղաքական արկածախնդրութեան: Դէպի Արեւմուտքը կամ զիջելով զարգանալու ընտրանքը սուղ արժեց Թիֆլիսին, որ զիջեցաւ Աբխազիան եւ Օսեթիան: Կը թուի, որ այդ տարածքներու վերադարձի պահանջը վրացական իշխանութիւններուն համար, գուցէ նաեւ Վրաստանի ժողովուրդին, առաջնային օրակարգ չէ: Հայկական կողմը ջաւախահայութեան խնդիրի արծարծումին համար բացի վերոնշեալ հանգամանքներէն նկատի կ՛ունենայ այլ իւրայատկութիւնները: Շրջափակուած Հայաստանի համար վրացական սահմանը ռազմավարական գերկարեւորութիւն ունեցող այն անցքն է, որ միջազգային մեկուսացման մէջ մինչ այժմ յայտնուած իրանեան սահմանէն բացի, գլխաւոր ելքն է դէպի Ռուսիա, դէպի Եւրոպա, դէպի սեւ ծով: Ռուսվրացական կարճատեւ պատերազմին հայկական կողմին վրայ թողած հետեւանքներուն վերյիշեցումը բաւարար է այս սահմանի անարգել գործարկման կարեւորութիւնը շեշտելու: Հակառակ խտրականութեան, ուծացման քաղաքականութեան եւ նոյնիսկ հակահայ բնութագիրին հասնող վրացական կեդրոնական իշխանութիւններու կիրարկած քաղաքականութեան,
Երեւանի կողմէ այս հաշուարկին հիման վրայ իրականացուած քաղաքականութիւնը որոշակի ընկալում ունի: Եւ նոյնքան հասկնալի է, որ ջաւախքէն լսուող, սփիւռքէն հնչող եւ պաշտօնական Երեւանէն հրապարակւող յայտարարութիւններուն մէջ նկատուին պահանջներու շեշտադրումներու տարբերութիւններ: ջաւախքը հայապատկան տարածք է եւ մաս` պատմական Հայաստանի: ջաւախահայութեան իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը հայկական առումով համակողմանի գերխնդիր է: տարբեր հարց, որ օգտագործուած քաղաքական բառեզրերը շեշտակի չեն խօսիր հիմնական առաջադրանքին մասին. համազգային նպատակը ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան նկատմամբ նոյնն է պարզապէս: Մենք չենք խօսիր անկախութեան կամ միացման մասին: Կը խօսինք խտրականութեան քաղաքականութեան դէմ, ազգային փոքրամասնութեան լեզուի, կրթութեան, կրօնի եւ նման իրաւունքներու յարգման եւ պահպանման մասին. եթէ Արցախի պարագային անկախութիւնը վերջնական նպատակին հասցնող ուղի է, այս պարագային ինքնավարութիւնը այդպիսին է: Իսկ այս առումով Վրաստանը համադաշնակցային պետութեան վերածելու առաջադրանքը ոչ միայն հայկական գունաւորում ունի, այլ նաեւ համավրացական: Այս հարցերուն մասին ըսփիւռքահայութեան իրազեկւածութեան աստիճանաչափի բարձրացման կը նպաստէ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած ջաւախեան շաբաթը: Ժողովրդային ընդառաջումը նոյնպէս:
Âáõñùdz
Ապրիլ 24-ը սթանպուլի մէջ
ԱՐՄԱՐԱ.- «24 Ապրիլ Հայկական Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան Փլաթֆորմ» կոչուած խըմբակցութեան անդամները, Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակի առիթով մէկտեղուեցան Հայտարփաշայի կառախումբի կայարանին մօտ, ուրկէ այդ թուականին հայ մըտաւորականներ դէպի մահ ճամբայ հանուած էին։ Ցոյցի մասնակիցներն էին Հէ-տէ-Փէ Կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամ՝ Կարօ Փայլան, գրագէտ Այշէ Պէրքթայ, ակադեմական Ֆաթմակիւլ Պէրքթայ, Իսթանպուլի Մարդու Իրաւունքներու Միութեան նախագահ՝ Իւմիտ Էֆէ, նոյն միութենէն զանազան վարիչներ եւ արտասահմանէն ոգեկոչման համար սթանպուլ ժամանած հայեր եւ մեծաթիւ հայրենակից-
ներ։ Ասոնք Հայտարփաշայի կայարանի շէնքին առջեւ կը պարզէին անգլերէն եւ հայերէն վերտառութիւններ, գրուած «Կ՚ոգեկոչենք Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերը»։
ԹԱՔսԻՄԻ ՄԷջ
Մեծ Եղեռնի 99րդ տարելիցին առթիւ, Ապրիլ 23ին բողոքի ու ոգեկոչման հաւաքոյթ մը կայացաւ Թաքսիմի մէջ, Պէյօղլուի Պողոտայի մուտքին։ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ոգեկոչելու Փլաթֆորմ» խմբակի կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքին մասնակցեցան մօտ 1.000 անձեր, որոնց միջեւ Րաքէլ տինք, սեւակ Պալըքճըի ծնողները Անի ու Կարապետ Պալըքճը, հրապարակագիր Օրալ Չալըշլար, երաժիշտ Ֆէրհատ Թունչ, Հայաստանի Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար
Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Ներկաներու կարգին էին սփիւռքէն ժամանած մօտաւորապէս 30 անձեր, որոնք բոլորն ալ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներ ու ազգականներ էին։ Ցոյցին մասնակիցները 24 Ապրիլի զոհերը ոգեկոչելու համար մոմեր վառեցին ու գետնին վրայ փռուած զոհերու պատկերներուն վրայ մեխակներ դրին։ Այնուհետեւ կատարուեցաւ մէկ ժամուան նստացոյց։ Կարգ մը մասնակիցներ, լուսանկարներ ի ձեռին, հայերէն երգեր երգելով ոգեկոչեցին մեռեալներու յիշատակը։ Մէկ առ մէկ կարդացւեցան 24 Ապրիլի շրջանին աքսորուած ու սպաննուած հայ գրողներու ու մտաւորականներու անունները։ Հանրահաւաքը, որ իրականացաւ ապահովութեան խիստ միջոցառումներու մէջ, աւարտեցաւ առանց միջադէպի։