Âáõñù ä³ïÙ³µ³Ý
äáõ¿Ýáë ²Ûñ¿ë, ²ñųÝÃÇÝ - 83ñ¹ ï³ñÇ - ÂÇõ 13.542 - 29 سÛÇë 2014 - лé. (54 11) 4775 7595
ΰÁë¿ ÎÇñû سÝáÛ»³Ý
«Ատրպէյճանի ապակառուցողական կեցուածքին մէջ մեղքի իրենց բաժինը ունին համանախագահները»
ե
ԱՀԿի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը յայտարարութիւն մը կատարեց, Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը ներկայացուց, եւ անոր միջոցով Միացեալ Նահանգներ ուզեցին ցոյց տալ, որ շրջանին մէջ տակաւին աշխոյժ են եւ պատրաստ համագործակցելու Ռուսիոյ հետ որոշ խնդիրներու շուրջ՝ անկախ ուքրանիոյ հարցէն: Այս մասին «երկիր»ին ըսաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ Քաղաքական Հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: «Անկէ ետք համանախագահները եկան շրջան: Համանախագահներու առաքելութիւններէն մէկը լեռնային Ղարաբաղի յարակից, անոնց գնահատումով՝ «գրաւուած» տարածքներ այցելելն էր: Անոնք եկած էին նաեւ՝ այդ տարածքներուն զարգացումները տեսնելու», ըսաւ Մանոյեան: Անդրադառնալով «երկիր»ի այն դիտարկման, թէ նախքան համանախագահները հանդիպումներ ունենան ու յայտարարութիւններ կատարեն, այդ ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ
Կիրօ Մանոյան
գերութեան մեջ գտնուելու ընթացքին ստացած վէրքերուն պատճառով մահացաւ հայկական կողմին վերադարձուած Մամիկոն Խոջոյեան, եւ ինչո՞ւ համանախագահներու յայտարարութիւններուն ու դիրքորոշումներուն վրայ չեն անդրադառնար այսպիսի դէպքերը, կամ չի՞ կրնար, օրինակ, այդ ցաւալի դէպքը առիթ դառնալ, որ հայկական կողմը փոխէ բանակցային հոլովոյթին նկատմամբ իր մօտեցումները, Մանոյեան պատասխանեց, թէ անոր համար աւելի լաւ առիթներ եղած են, պարտադիր չէ, որ նախկին գերիի մահուան առնչութեամբ Հայաստան քայլեր առնէ: «Այդ առիթներէն վերջինը, թերեւս, կապուած է համանախագահներու այցելու-
թեան հետ՝ Պաքուի մէջ համանախագահներու հետ Ատրպէյճանի նախագահն ու Արտաքին գործոց նախարարը չէին հանդիպած, բայց համանախագահները իրենց յայտարարութեան մէջ փորձեցին համահաւասարեցնել՝ ըսելով, թէ ե՛ւ երեւանի, ե՛ւ Պաքուի մէջ հանդիպած են բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ: Թող ըսէին՝ Հայաստանի մէջ հանդիպեցանք նախագահին հետ, իսկ Ատրպէյճանի մէջ՝ Պաշտպանութեան նախարարին հետ: Այսինքն՝ անոնց պահուածքին՝ կեղծ հաւասարութեան նշան դնելու փորձերու պատճառով արդէն իսկ համանախագահներուն նկատմամբ վերաբերմունքի հարց պէտք է բարձրացուի Հայաստանի կողմէ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեանը: լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ գլխաւոր թերացումը, որ կայ այս ձեւաչափին մէջ, ըստ Մանոյեանի, լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութեան բացակայութիւնն է բանակցային հոլովոյթին:
г۳ëï³Ý
Խորհրդարանը մերժեց համամասնական դրութեան անցնելու մասին Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրինագիծը
Հ
ինգշաբթի, 22 Մայիսին, Հայաստանի Ազգային ժողովը ձայներու 53 թեր, 66 դէմ եւ 3 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ մերժեց Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի, Արծուիկ Մինասեանի եւ Արմէն Բաբայեանի ներկայացուցած օրինագիծը Հայաստանի Հանրապետութեան ընտ-
րական օրէնսգիրքին, Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին եւ «Սահմանադրական Դատարանի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին, որոնց հիման վըրայ կ՛առաջարկուի անցում կատարել հարիւր տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգին: Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կու-
սակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան ելոյթ ունեցաւ՝ ըսելով, որ խնդիրը քննարկման կարիք ունի, եւ տրուած ըլլալով, որ յառաջիկային սահմանադրական փոփոխութիւններ պէտք է ըլլան, ուրեմն այս հանգրուանին Հանրապետական կուսակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ այդ օրինագիծին, որպէսզի հետա-
(Þ³ñ.Á ¿ç IV)
«Թուրքերը 97 տարի առաջ էլ ներողութիւն խնդրել էին»
Âáõñù å³ïÙ³µ³Ý Øáõñ³ï ä³ñï³ù×ÁÝ Ûû¹áõ³Í ¿ Ññ³å³ñ³Ï»É §Ð³å»ñÃÇõñù¦ å³ñµ»ñ³Ï³ÝáõÙ, áñáõÙ Û³ÛïÝáõÙ ¿, ÿ ÂáõñùdzÛÇ å³ïÙáõû³Ý Ù¿ç ³é³çÇÝ ë³Ñٳݳ¹ñáõû³Ý Ñ»ÕÇÝ³Ï ØÇïѳà ÷³ß³ÛÇ áñ¹ÇÝ` ø»Ù³É ØÇïѳà å¿ÛÁ, 1917 Ã. ¸»Ïï»Ùµ»ñÇ 28ÇÝ Û³Ûï³ñ³ñáõÃÇõÝ ¿ Ññ³å³ñ³Ï»É` ³ñӳݳ·ñ»Éáí Ù¿Ï ÙÇÉÇáÝÇó ³õ»É ѳۻñÇ` ûëٳݻ³Ý å»ïáõû³Ý ÏáÕÙÇó ÙÇïáõÙݳõáñ ëå³Ýáõû³Ý ÷³ëïÁ: Úû¹áõ³ÍÁ Ý»ñϳ۳óÝáõÙ »Ýù Ù³ëݳÏÇ Ïñ׳ïáõÙÝ»ñáí:
Թ
ուրքիոյ վարչապետարանի` 1915 թ. տեղահանութեան (Հայոց ցեղասպանութեան, «Ակունք»ի խմբ.) ժամանակ վախճանուածների մերձաւորներին ցաւակցելու նպատակով այս շաբաթ հրապարակած ուղերձը շարունակում է արձագանգներ ստանալ… Սփիւռքը լրջախոհ կերպով ընդունեց յայտարարութիւնը, բայց նոյն սփիւռքի` մեր շարքերում գտնուող թուրք խօսափողները դեռ հիմիկուանից սկսեցին ասել, թէ` «Միայն ցաւակցութիւնը բաւարար չէ, պէտք է մինչեւ վերջ գնալ… Ներում էլ հայցենք, փոխհատուցում էլ տանք, սա էլ անենք, նա էլ»: ցաւակցութեան, «ներողութեան» հարցն իրականում հին պատմութիւն ունի, որը հասնում է 97 տարուայ վաղեմութեան: Թուրքերին «հայկական կոտորած» անելու մէջ մեղադրած առաջին անձը Քեմալ Միտհաթ պէյն է, ով մեր պատմութեան մէջ առաջին սահմանադրութեան ճարտարապետը եղող եւ «ազատութեան հերոս» համարուող Միտհաթ փաշայի որդին է: Թուրքերին մեղադրելու հիմքում ընկած էր ոչ թէ այն ժամանակուայ հայկական թեզերին աջակցելու կամ այդ կողմին ճիշդ համարելու գաղափարը, այլ այն ընդամէնը քաղաքական պայքար էր, ընդդիմութիւն եղող մի կուսակցութեան` իշխանութեան դէմ ուղղուած անպիտան ենթադրութիւններ, սակայն չի կարելի առանց այդ պնդումների առաջացրած հետեւանքները հաշուի առնելու խօսել ու գրել:
ԱՔՍորել եՆ ՍիՆոփ
Ահա եւ` 1917 թ. Դեկտեմբերի 28ին առանց ծանրութեթեւ անելու արուած այդ տարօրինակ դէպքի մանրամասները, իրադարձութիւն, որը բաւականին բացասական ազդեց նաեւ երկրի ապագայ արտաքին քաղաքականութեան շահերի վրայ. 1913 թ. Յունուարին տեղի ունեցած Բարձր դրան վրայ յարձակումից եւ սատրազամ Մահմուտ Շեւքեթ փաշայի` նոյն տարուայ Յունիսի 11ի սպանութիւնից յետոյ իշխանութեան ղեկը լիովին իր ձեռքը վերցրած Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութիւնն սկսել էր չափազանց խիստ վերաբերուել ընդդիմութեան հետ: Ընդդիմադիրներից մի քանիսը չբացայայտուած սպանութեան զոհ էին դարձել, որոշները` աքսորւել, եւ հարիւրաւոր անձինք, որոնց շարքում էին նաեւ այն ժամանակուայ նշանաւոր գրողներ եւ իշխանութեանը չաջակցող քաղաքական գործիչներ, մի շոգենաւով աքսորի էին ուղարկուել դէպի Սինոփ: Աքսորից վերջին պահին փրկուած որոշ ընդդիմադիրներ, երկիրը լքելով, գնացել էին եւրոպա եւ իթթիհատական կառավարութեանը մեղադրելու համար սկսել էին յոյսեր փայփայել այն օրերին տեղի ունեցած տեղահանութիւնից գրեթէ անմիջապէս յետոյ առաջ քաշուած հայկական թեզերի հետ: Աքսորուած այդ ընդդիմադիրների մէջ էին նաեւ Միտհաթ փաշայի երկու որդիները` Ալի Հայտար Միտհաթը եւ Քեմալ Միտհաթը…
ԶուիցերիԱՅուՄ ԿուՍԱԿցուԹիւՆ ՀիՄՆեց
երկու եղբայրները, փաշայի փեսայ Նիւզհեթ պէյի` Սեբաստիա աքսորուելուց անմիջապէս յետոյ վախենալով, թէ իրենց գլխին էլ մի փորձանք կը գայ, չէին կարողացել երկրում մնալ, հեռացել էին եւրոպա, փաշայի` Զուիցերիայում հաստատւած կրտսեր որդին` Քեմալ Միտհաթ պէյը, այստեղ մի քաղաքական կուսակցութիւն էր հիմնել` Խաղաղութիւն եւ փրկութիւն անուամբ ու Թուրքիայի իշխանութեանն անուանարկելով` ձգտել աջակցութիւն ստանալ եւրոպական կառավարութիւններից: Միտհաթ Քեմալ պէյը կուսակցութիւնը կեանքի կոչելուց առաջ` 1916 թ. Մայիսին, ռուսական, ֆրանսական եւ անգլիական դիւանագէտների հետ կապեր հաստատելով` ասել էր, որ իրենք հետեւելու են Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան դէմ ուղղուած քաղաքականութեանը եւ հայցել նրանց աջակցութիւնը: Հետագայում` 1917 թ. վերջերին, նա իր ընկերների հետ ստեղծել էր վերոյիշեալ կուսակցութիւնը եւ ստանձնել կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի եւ Զուիցերիայում ներկայացուցչի պաշտօնները: Քեմալ Միտհաթ պէյը 1917 թ. (Þ³ñ.Á ¿ç IV)
ARMENIA
II
²é³ç³ñÏ
Âáõñùdz
Ֆրանսիսքօ Պապը լեւոն Վրդ. Զէքիեանը նշանակեց Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական Թեմի Առաքելական Կառավարիչ
21
Մայիսին, Ֆրանսիսքօ Պապը լեւոն Պօղոս վրդ. Զէքիեանը նշանակեց Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական Թեմի առաքելական կառավարիչ, անոր շնորհելով արքեպիսկոպոսի տիտղոսն ու աստիճանը Յայտնենք, որ վերոյիշեալ Թեմի օգնական եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ գէորգ Խազումեան ներկայացուցած էր իր հրաժարականը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ժԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, եպիսկոպոսներու մնայուն սիւնհոդոսի հաւանութեամբ, ընդունած էր հրաժարականը, տեղեակ պահելով Սուրբ աթոռը: լեւոն արք. Զէքիեան ծնած է Պոլիս, 21 Հոկտեմբեր 1943ին: 12 տարեկանին կը մտնէ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան դպրեվանքը: 1964ին կը կատարէ իր կրօնաւորական ուխտերը եւ 21 Մայիս 1967ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի:1993ին կը դառնայ Վենետիկի Պատրիարքութեան Թեմի անդամ: գերապայծառ Զէքիեան իր առաքելական ծառայութիւնը մատուցած է Վենետիկի հայութեան, յատուկ կերպով նուիրուելով համամիութենական ասպարէզին, յատկապէս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ կապեր մշակելով: Ան երկար տարիներ եղած է Վենետիկի Քա Ֆոսքար Համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի դասախօս: Ան եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան ակադեմիոյ դասախօս, ինչպէս նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի խորհրդատու:
Բ
Հ
որիԶոՆ».- Միացեալ Նահանգներու մէջ լոպպիյինկի կազմակերպութիւններու եւ երկիրներու գործունէութիւնը ուսումնասիրող ամերիկեան «Influence Explorer» կազմակերպութիւնը իր կատարած հետազօտութիւններու հիման վրայ պատրաստած է իր տարեկան զեկոյցը, ուր ընդգրկուած են ամենաշատ գումարներ ծախսող երկիրները: Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու մէջ իր շահերը պաշտպանելու համար 2013ին ծախսած է u$s 1.842.614 տոլար, Ատրպէյճանը՝ u$s 2.298.339 տոլար, իսկ լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ u$s 153.241 տոլար։ ցանկին մէջ Թուրքիան կը գրաւէ 13րդ դիրքը, Ատրպէյճանը՝ 10րդ, իսկ լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ 56րդ։ Տարեկան հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսուին, որպէսզի ԱՄՆի իշխանութիւնները կամ Քոնկրէսը պատուիրատու երկրի մը, առեւտրական հաստատութեան մը կամ կազմակերպութեան մը ի նպաստ դիրքորոշում ունենան: Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող «փոսթա 212» թերթը կը գրէ, նաև, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ թուրքերու իրականացուցած լոպպիյինկի գլխաւոր թիրախը Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումը խոչընդոտելն է: «Influence Explorer»ի զեկոյցին համաձայն, 2014 թուականին Թուրքիոյ կառավարութեան շահերը ոաշինկթընի մէջ ներկայացուցած են երկու կազմակերպութիւն` «Gephardt Group Government Affairs LLC»ը և «LB International Solutions LLC»ը: Նկատի ունենալով, որ 2015ը Հայկական ցեղասպանութեան 100ամեակն է, սպասելի է, որ Անգարա յաւելեալ մեծ գումարներ ծախսէ թրքական շահերուն սպասարկող լոպպիյինկի համար:
Յաւերժացնենք Անշիրիմ գրողների յիշատակը
աց նամակ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի նախագահ պարոն Սերժ ՍԱրգՍեԱՆիՆ: Մեծարգոյ Սերժ Ազատի, 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան առաջին զոհերը հայ գրականութեան ներկայացուցիչները եղան. Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթօն, Ռուբէն Սեւակը, գրիգոր Զօհրապը, Տիգրան Չէոկիւրեանը, Թլկատինցին, Ռուբէն Զարդարեանը, Արտաշէս Յարութիւնեանը, գեղամ Տէր-Կարապետեանը (Մշոյ գեղամ), Մելքոն Կիւրճեանը (Հրանտ), երուխանը, գեղամ Բաղդասարեանը: Արհաւիրքից պատահականութեամբ փրկուեց, յետագայում քեմալական նախճիրին զոհ գնաց նաեւ Տիրան Չրաքեանը (ինտրա): Հայ գրողների այս աստղաբոյլը, գրական հսկաների այս սերունդը ոչնչացուեց աներեւակայելի, անմարդկային միջոցներով եւ մնաց անթաղ: ցեղասպանը լաւ գիտէր գըրական խօսքի ուժը եւ հասկանում էր, որ իր ստոր նպատակին հասնելու համար նախեւառաջ հայ ազգի ոգին մարմնաւորողների գլխատումն էր
г۳ëï³Ý¿Ý ³ñӳϳ·Çñ, óñ·Ù³ÝÇã »õ Ññ³å³ñ³Ï³·Çñ èáõµ¿Ý Úáíë¿÷»³Ý »õ ê÷Çõéù¿Ýª àõ³ßÇÝÏÃÁÝ îÇ. êÇ.¿Ý. µ³Ý³ëï»ÕÍ, ѳë³ñ³Ï³Ï³Ý ·áñÍÇã γñû ²ñÙ¿Ý»³Ý, µ³ó ݳٳÏáí ÙÁ ¹ÇÙ³Í »Ý г۳ëï³ÝÇ Ý³Ë³·³Ñ ê»ñÅ ê³ñ·ë»³ÝÇÝ, ³é³ç³ñÏ»Éáí Û³õ»ñųóÝ»É ò»Õ³ëå³Ýáõû³Ý ½áѪ ³ÝßÇñÇÙ ·ñáÕÝ»ñáõ ÛÇß³ï³ÏÁ: êïáñ»õ ÏÁ Ññ³ï³ñ³Ï»Ýù ëáÛÝ Ý³Ù³ÏÇ µÝ³·ÇñÁª ³ÙµáÕçáõû³Ùµ. անհրաժեշտ: Այսօր, երբ մեր երկիրը եւ ողջ հայութիւնը պատրաստըւում է նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակը, երբ ունենք սրբազան մի վայր, ուր երկիւղածութեամբ ծնկի ենք գալիս յիշատակելու մեր միլիոնաւոր անմեղ զոհերին, հարկ է, որ առանձնապէս յիշենք նաեւ նահատակուած մեր գրողներին եւ խոնարհուենք նրանց շիրիմների առաջ: եղեռնի յուշարձանի համալիրը, իր ողջ բովանդակութեամբ եւ նշանակութեամբ, աւելի կ՛ամբողջանայ ու իր լրումին կը հասնի, եթէ արժանի ու համապատասխան մի կոթողով աշխարհին մատնացոյց անի նախադէպը չունեցող այս եղեռնագործութիւնը: Նման կոթողի ստեղծման համար, համոզուած ենք, իր նպաստը կը բերի ամէն հայ
աշխարհի որ ծայրում էլ ապրելիս լինի: Մնում է, որ ձեր գլխաւորած յանձնաժողովը իր վրայ վերցնի կազմակերպչական աշխատանքների հոգսը գործին մասնակից դարձնելով հանրապետութեան եւ Սփիւռքի կարող ուժերին, գրողներին, պատմաբաններին, նկարիչներին, քանդակագործներին, ճարտարապետներին: Թէեւ քիչ ժամանակ է մնացել մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումը, սակայն, կարծում ենք, դեռ ուշ չէ համազգային ուժերով յաւէրժացնելու մեր անշիրիմ գըրողների յիշատակը: Յարգանքներով՝
ԿԱրօ ԱրՄէՆեԱՆ (ԱՄՆ) ՌուԲէՆ ՅոՎՍէփեԱՆ (Հայաստան)
êáõñdz
Ø.ܳѳݷݻñ
լոպպիյինկի համար ի՞նչ գումարներ կը ծախսեն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 29 سÛÇë 2014
Ա
Հոմսի հայկական վարժարանի դասարանները վերածուած էին հիւանդասենեակի
րՄէՆփրէՍ.- Սուրիոյ Հոմս քաղաքի ազատագրումէն ետք ետք՝ Մայիս 15ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալբանդեան և Ազգային Քաղաքական ժողովի ատենապետ Աւօ ոսկեան այցելած են Հոմսի Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցի և ազգային «Սահակեան» վարժարան՝ մօտէն ծանօթանալու
ազգային կառոյցներու կրած վնասներիուն: Հոմսի Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ ատենապետ Վազգէն Խաչատուրեանը Սրբազան Հօր մանրամասնօրէն տեղեկացուցած է եկեղեցւոյ եւ դպրոցի վիճակին և ներկայ կացութեան մասին: Ան զեկուցած է, թէ զինեալները դպրոցը օգտագործած են որպէս հիւանդներու
կացարան եւ դեղերու շտեմարան։ Մինչեւ իսկ վիրահատման գործողութիւններու համար օգտագործուած են դասարանները։ Հոմսի Սուրբ Մաշտոց եկեղեցին և ազգային «Սահակեան» վարժարանը կը գործեն Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի հովանիին տակ:
ARMENIA
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 29 سÛÇë 2014
III
ä³ïٳϳÝ
Սիմոն Վրացեան (1882-1969)
Հայաստանի վարչապետն ու Դաշնակցութեան դրօշակիրը
45
տարի առաջ, Մայիս 21ին, Պէյրութի մէջ, յետ-երկարատեւ հիւանդութեան, յոգնաբեկ ու մարած իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մեծանուն կերտիչներէն Սիմոն Վրացեան։ 28 Մայիս 1918ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ եւ վերջին վարչապետն էր Սիմոն Վրացեան՝ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը։ երկար ապրեցաւ եւ մինչեւ 87 տարեկան հասակը պատնէշի վրայ մնաց Վրացեան՝ գործելով եւ պատասխանատու առաքելութիւններ ստանձնելով ամէնուր եւ այն բոլոր մարզերուն մէջ, ուր հայ ժողովուրդը պէտք ունեցաւ իրեն եւ Դաշնակցութիւնը պարտականութեան գլուխ կոչեց զինք։ Ս. Վրացեան ո՛ւր որ եղաւ եւ ի՛նչ պատասխանատուութիւն որ ստանձնեց՝ անվիճելիօրէն մնայո՛ւն ներդրում ունեցաւ եւ վաւերակա՛ն իր դրոշմը դրաւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնահաստատման երթին վրայ։ Ճակատագիրը դասաւորեց այնպէս, որ Վրացեան յայտնուեցաւ հայ կեանքի հանգուցային պահերուն՝ պատմական տարողութեամբ զարգացումներու յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Ծնած էր 1882ին, Մեծ Սալա գիւղը, Նոր Նախիջեւան (հիւսիսային Կովկաս)։ Տեղւոյն հայկական եւ ռուսական վարժարաններուն մէջ տարրական ուսումը ստանալէ ետք, 1900ին ան ընդունուեցաւ էջմիածնի գէորգեան Ճեմարանը, որուն փայլուն շրջանաւարտներէն հանդիսացաւ։ իր ազգային-յեղափոխական խմորումներու վարակիչ մթնոլորտով, ինչպէս եւ հայոց հոգեմտաւոր ժառանգութեան վերանորոգման շունչով՝ գէորգեան Ճեմարանը վճռորոշ անդրադարձ ունեցաւ Սիմոն Վրացեանի դաշնակցական կազմաւորման եւ անոր քաղաքական, կազմակերպական ու մտաւորական ընդունակութիւններու զարգացման վրայ։ Վրացեանի յեղափոխական
Av. Callao 1162 - Buenos Aires info@hotelwilton.com.ar
նկարագիրն ու դաշնակցական աշխարհայեացքը կոփեցին՝ - 1903ի հայկական եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւումին դէմ ծաւալած համաժողովրդային ըմբոստացման մէջ գէորգեան Ճեմարանի ուսանողութեան բողոքի բուռն ելոյթները, - Նոյն շրջանին Հ.Յ.Դ. Կովկասեան գործունէութեան Նախագիծի որդեգրման մէջ Ճեմարանի դաշնակցական ուսանողութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը, - Նաեւ 1905ի համառուսական առաջին յեղափոխութեան եւ, անոր զուգահեռ, հայ-թաթարական ընդհարումներուն դաշնակցական ուսանողութեան յանձնառու մասնակցութիւնը։ Այսպէ՛ս, Վրացեան արդէն դաշնակցական պատրաստուած գործիչ էր 1906ին, երբ աւարտեց գէորգեան Ճեմարանը։ 1907ին Վիեննայի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր ժողովին, Սիմոն Վրացեան մասնակցեցաւ իբրեւ Հ.Յ.Դ. ուսանողական Միութեան պատգամաւոր։ Ատիկա Արեւմտահայ եւ Արեւելահայ դատերու միջեւ խաչաձեւման ու թրքահայու եւ ռուսահայու հակադրութեան բուռն մթնոլորտին մէջ գումարւած դժուարին Ընդհանուր ժողովն էր, որմէ Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ աւելիով միաձոյլ եւ միակամ։ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր սերունդի ջանքերով ձեռք բերուած գաղափարական այդ միասնականութիւնն ու կազմակերպական հզօրացումը ամրակուռ հիմքը կազմեցին Վրացեանի հետագայ ոգորումներուն։ Ընդհանուր ժողովէն ետք ան անցաւ Ս. փեթերսպուրկ, ուր հետեւեցաւ համալսարանական բարձրագոյն ուսման՝ իրաւագիտութեան, գիւղատընտեսութեան եւ մանկավարժութեան մէջ։ 1910ին, երբ ցարական հալածանքը իր գագաթնակէտին հասած էր դաշնակցական գործիչներու դէմ, Սիմոն Վրացեան անցաւ Կարին,
4812-4993 www.hotelwilton.com.ar
ուր Ռոստոմ հաստատուած էր՝ իր քով մէկտեղելով Դաշնակցութեան փորձառու եւ խոստմնալից ուժերը, միասնաբար լըծւելու համար բուն երկրի հայութեան հասարակական եւ մըշակութային զարգացման, ինչպէս եւ ազգային-յեղափոխական կազմակերպումին։ Տարի մը Կարնոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Յառաջ»ը խմբագրելէ ետք, 1911ին, Ռոստումի յանձարարութեամբ, Սիմոն Վրացեան ղրկուեցաւ Պոսթըն, Մ. Նահանգներ, իբրեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ի խմբագիր։ 1914ին, իբրեւ Ամերիկայի շրջանէն պատգամաւոր, Վրացեան վերադարձաւ Կարին, մասնակցելու համար Հ.Յ.Դ. ութերորդ Ընդհանուր ժողովին, որու աւարտին ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ անցաւ Թիֆլիս։ Ստանձնեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը՝ զուգահեռաբար Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդին անդամ ընտրուելով եւ լծուելով Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին։ Սիմոն Վրացեանի հրապարակագրական, քաղաքական եւ կազմակերպական գործունէութեան թիֆլիսեան այս աշխոյժ շրջանը շարունակուեցաւ մինչեւ 28 Մայիս 1918ի Հայաստանի անկախութեան նուաճումը։ Հուսկ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Ազգային Խորհուրդի խառն նիստին կողմէ վարչապետ նշանակուած Յովհաննէս Քաջազնունիի աջ բազուկը դառնալով՝ Վրացեան իր կարգին տեղափոխուեցաւ երեւան։ Կառավարութեան գլխաւոր բանագնացներէն եղաւ ինչպէս Պաթումի մէջ թուրքերու հետ հաշտութեան բանակցութիւններուն, այնպէս ալ համատարած սովին յաղթահարման համար Մ. Նահանգներու հետ տարուող բանակցութիւններուն՝ Պարէնի ապահովման նպատակով։ Միաժամանակ՝ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ Խորհըր-
դարանին՝ Հայաստանի Խորհուրդի պատգամաւոր եւ տենդագին լծուեցաւ նորահաստատ Հանրապետութիւնը ժողովրդավարական հիմերու վրայ հաստատելու եւ միջ-կուսակցական գործակցութեամբ օժտելու աշխատանքին։ իրաւագէտի եւ գիւղատնտեսի իր մասնագիտական պատրաստութեամբ ալ նշանակալի ներդրում ունեցաւ աշխատանքի եւ տնտեսական յառաջդիմական օրէնսդրութեան մշակումին մէջ։ Պետական շինարարութեան գործին Սիմոն Վրացեանի փարումը եղաւ ամբողջական եւ արդիւնաւոր։ եղաւ սերտ գործակիցը Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան։ իսկ երբ Մայիս 1920ին կեանքի կոչուեցաւ Համօ օհանջանեանի Բիւրօ-կառավարութիւնը, Վրացեան ստանձնեց Աշխատանքի եւ գիւղատնտեսութեան Նախարարութիւնը, մինչեւ որ Հոկտեմբեր 1920ին, Հայթրքական պատերազմի ծանր օրերուն, իր ուսերուն դրուեցաւ ծանր բեռը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի պատասխանատուութեան։ Վրացեան ինք եղաւ թէ՛ 2 Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը Յեղկոմին զիջելու պայմանագիրը ստորագրող վարչապետը, թէ՛ փետրուար 18ի համաժողովրդային ապըստամբութենէն ետք կազմուած Հայրենիքի փրկութեան Կոմիտէին նախագահը։ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, Սիմոն Վրացեան իր կարգին անցաւ Թաւրիզ, Պարսկաստան, ուրկէ մեկնեցաւ փարիզ եւ ստանձնեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի վերահրատարակութեան խմբագրութիւնը։ Մինչեւ 1933 շարունակուած «Դրօշակ»ի հըրատարակութեան այս շրջանը պատուանդանը կազմեց Վրացեանի գաղափարագրական ժառանգութեան։ Հայ քաղաքական մտքի եւ յատկապէս դաշնակցական մըտածողութեան մէջ յառաջ եկած բեկումներու, խզումներու եւ խոտորումներու դժուարին այդ հանգրուանին, «Դրօշակ»ի շուրջ համախմբուած ուժերու ստորագրած յօդուածներով թէ ուղղակի իր առաջնորդողներով՝ Սիմոն Վրացեան բառին բուն իմաստով ուղի հարթեց տարագիր հայութեան եւ նոյնպէս տարագրուած Դաշնակցութեան առջեւ։ եղաւ ոչ միայն արթուն պահապանը հայ ազգային-ազատագրական շարժման քաղաքական-գաղափարական աւանդներուն, այլեւ
նորարար ու լայնախոհ դրօշակիրը դարձաւ ծանրագոյն ցընցումներէ վերականգնող աշխարհի մը մէջ հայ ժողովուրդին նոր տեղն ու դերը գաղափարականօրէն հունաւորելու շարժումին։ Միեւնոյն այդ շրջանին Սիմոն Վրացեան գրեց նաեւ իր կոթողական գործը՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն»ը, որ մնայուն աւանդ մը կազմեց ոչ միայն պատմագրական առումով, այլեւ՝ նոր ժամանակներու հայ քաղաքական մտքի ինքնուրոյն ուղղութիւնը՝ ազգային արեւելումը հիմնաւորելու իմաստով։ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան ընդհատումէն ետք, Վըրացեան խմբագրեց Պատմութեան եւ Մշակոյթի հանդէս «Վէմ»ը, որ Հայաստանի անկախութեան սերունդի ժամադրավայրը դարձաւ, նոյնպէս եւ սփիւռքահայ առաջին սերունդի մտաւորականութեան ինքնադրսեւորման բեմը։ «Վէմ»ը փրկարար դեր կատարեց հայ քաղաքական մտքի ազգային յիշողութիւնը խորհրդային նենգափոխումներու դէմ անաղարտ պահելու եւ պաշտպանելու գաղափարական պայքարի ճակատին վրայ։ Վրացեանի քաղաքական վաստակին սփիւռքեան կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը կազմեց, Մ.Ա.Կ.ի կազմութեան հիմնադիր ժողովներու շրջանին, Հայ Դատի վերարծարծման ուղղութեամբ Սան Ֆրանսիսքօ տարուած բանակցութիւններուն մէջ իր աշխոյժ դերակատարութիւնը, որ թէեւ անմիջական արդիւնքի չյանգեցաւ, այսուհանդերձ՝ ամուր նախադրեալներ հաստատեց Հայ Դատի պահանջատիրական հետագայ նախաձեռնութեանց համար։ Սիմոն Վրացեանի աշխատունակութիւնն ու եռանդը յոգնութիւն չճանչցան նաեւ անոր յառաջացեալ տարիքին։ 1952ին, լեւոն Շանթի մահէն ետք, Վրացեան նշանակուեցաւ Ճեմարանի տնօրէն եւ մեծ ներդրում ունեցաւ Համազգայինի կրթական այդ մեծ հաստատութեան տնտեսական հիմերու ամրապնդումին մէջ։ Նաեւ հրատարակութեան պատրաստեց եւ լոյս ընծայեց իր յուշերը՝ «Կեանքի ուղիներով» վեց-հատորեակը, որ համադրումը եղաւ ազգային-քաղաքական եւ հոգեմտաւոր իր ժառանգութեան ու պատգամին։ եւ մինչեւ վերջին շունչ, մինչեւ 21 Մայիս 1969ի իր մահը, Սիմոն Վրացեան թէ՛ մեր մամուլի էջերէն, թէ՛ հրապարակային հանդիսութեանց բեմերէն անլռելի վկան ու պատգա-
(Þ³ñ.Á ¿ç IV)
ՆԱԶԱրէԹ ՊէրՊէրեԱՆ
ARMENIA
IV
سѳ½¹
Մահացած է բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանը
Հ
ինգշաբթի, 22 Մայիսին, լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանը: 1936ին գորտոպա, Արժանթին ծնած Ալիսիան հեղինակ է սպաներէն եւ հայերէն բանաստեծական բազմաթիւ երկերու: Ան նաեւ հայերէնէ սպաներէն թարգմանած է րաֆֆիի «Խենթը»: Խաչատուր Աբովեանի անւան մրցանակակիր բանաստեղծուհիի ստեդծագործական կեանքին եւ գործունէութեան կ՛անդրադառնանք յետագային:
«Թուրքերը... (Þ³ñ. ¿ç I-Ç)
Դեկտեմբերի 28ին Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեանը մեղադրող մի յայտարարութիւն էր հրապարակելու եւ պնդելու, թէ թուրքական իշխանութիւնը գիտակցաբար եւ միտումնաւոր կերպով սպաննել է հայերին:
ՁեՌՔ ՄեԿՆեց, ԲԱՅց…
Յայտարարութեան մէջ ասւում էր. «…օսմանեան պետութիւնը շատ բանով է հայերին պարտական` ինչպէս տնտեսական եւ առեւտրական տեսանկիւնից, այնպէս էլ` մտաւոր զարգացման: Ներ-
կայ պահին իրեն «երիտասարդ թուրքեր» յորջորջող մի անպատասխանատու խումբ իր ձեռքում է պահում իշխանութիւնը Պոլսում եւ իր ուժը պահել կարողանալու համար դիմում անգամ ապտիւլհամիտեան ժամանակաշրջանում նախադէպը չունեցած արիւնալի մեթոտների: Հարիւրհազարաւոր հայերի աքսորի եւ սպանութեան կենդանի վկաներն ենք: …Մի քանի յեղափոխական, յանուն իր դատի, աքսորի է ուղարկել մէկ միլիոնից աւել անմեղ հայերի: Մենք` ազատականներս եւ իսկական հայրենասէրներս, խստօրէն դատապարտում ենք այդ գործողութիւնները եւ յիշեցնում, որ նման որոշում-
Ð᷻ѳݷÇëï
ÎÇñ³ÏÇ, 1 ÚáõÝÇë 2014ÇÝ, Û³õ³ñï êáõñµ ä³ï³ñ³·Ç, Ñ᷻ѳݷëï»³Ý å³ßïûÝ åÇïÇ Ï³ï³ñáõÇ êáõñµ ¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñÇÝ Ù¿ç, Ù»ñ ëÇñ»ÉÇ ³ÙáõëÝáÛÝ »õ Ñûñª
àÕµ. ØÆÎ¾È ²ÜÊ¾È Æ¼²È-Ç
Ù³Ñáõ³Ý ù³é³ëáõÝùÇÝ ³éÇÃáí£ Ü»ñϳÛë ÏÁ ͳÝáõó³Ý»Ýù Ç ·ÇïáõÃÇõÝ Ù»ñ ³½·³Ï³ÝÝ»ñáõÝ »õ µ³ñ»Ï³ÙÝ»ñáõÝ£ ²ÛñÇݪ øñÇëïÇݳ ʳã»ñ»³Ý ¼³õ³ÏÝ»ñÁª ü»ñݳÝïû, سñdz ¾áõË¿Ýdz »õ ö³ÃñÇëÇû
ÎÁ ÜáõÇñ»Ý
Æñ ÷»ë³ÛǪ àÕµ. ØÆÎ¾È ²ÜÊ¾È Æ¼²ÈÇ Ù³Ñáõ³Ý ù³é³ëáõÝùÇÝ ³éÇÃáí, вڲðöÆ ä¾ðä¾ðº²Ü-ʲâºðº²Ü ÏþÁÝ¿ Ñ»ï»õ»³É ÝáõÇñ³ïáõáõÃÇõÝÝ»ñÁ.Ð.ú.Ø.Ç Ð³Ý·ëï»³Ý îáõÝ $ 1.000.Ð.Ø.À.Ø. $ 500.ê.¶ñÇ·áñ Èáõë³õáñÇã سÛñ î³×³ñ $ 500.²ðغÜƲ $ 500.-
Հայաստանի...
(Þ³ñ. ¿ç I-Ç)
գային ատիկա մանրամասն քննարկէ:
ՎԱրԴԱՆեԱՆ. «ե՞րԲ իրԱԿԱՆ ՀԱՇուԱՌուՄ ՊիՏի ԿԱՏԱրուի»
Ազգային ժողովի նիստին, երբ կառավարութիւնը Ազգային ժողովի հաւանութեան ներկայացուցած էր իր ծրագիրը, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան հարցում ուղղեց վարչապետին: Նախ եւ առաջ ան նշեց, որ եթէ կառավարութիւնը իր հըսկայական պատասխանատըւութեամբ յաջողի, բոլորը ուրախ կ՛ըլլան, սակայն իրենց գնահատականը արդիւնքնե-
ները տեղ չունեն նաեւ մեր կրօնում… Մեր ընկերներից մի քանիսը եւս այդ կերպ ըսպաննուելու համար պէտք է միաւորուեն` յանուն ընդհանուր դատի. պէտք է վերջ տանք մեր հանդէպ գործադրուող ճնշումներին եւ զուլումին: Հաւատարիմ եւ անկեղծ ձեւով մեր գործելը պարտադիր պայման է: Ձեզ ենք մեկնում ոճրագործութիւններով չաղտոտուած մեր ձեռքը: Բաց սրտով, առանց ահի ընդունէք այս ձեռքը` նոյնը եղող մեր գաղափարը կեանքի կոչել կարողանալու համար»:
Թարգմանեց` ՄելիՆէ ԱՆուՄեԱՆ «Ակունք»
Սիմոն Վրացեան... (Þ³ñ. ¿ç III-Ç)
մախօսը դարձաւ այն պատմակշիռ երթին, որ հայ ժողովուրդը կտրեց քսաներորդ դարու առաջին քառորդին։ լիբանանի հայութիւնը պետական ղեկավարի բարձրագոյն հանդիսաւորութեամբ յուղարկաւորութեան եւ ազգայինժողովրդային խուռներամ թափօրով թաղումի արժանացուց հայութեան մեծ զաւակին՝ Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետին, որ իր կեանքով ու գործով, նուիրումով եւ գաղափարապաշտութեամբ մարմնաւորեց դաշնակցական մեծութիւնը հայ յեղափոխականի, պետական ղեկավարի եւ ներհուն մըտաւորականի։
ÐÇÝ·ß³µÃÇ, 29 سÛÇë 2014
րով պայմանաւորուած կ՛ըլլայ: Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ առաջին հարցումը կը վերաբերի արցախեան ազատամարտի մասնակիցներուն, որոնց մասին կէտեր կան ծրագիրին մէջ, բայց պետութեան սուղ միջոցներով մինչեւ այսօր կարելի չէ եղած հարցը լուծել, ե՛ւ ընկերային, ե՛ւ բարոյահոգեբանական տեսանկիւնէն: Վարդանեան հարց տուաւ, որ արդեօք նոր կառավարութիւնը մտադիր չէ՞ իրական հաշուառում կատարել, թէ որո՛նք մասնակցած են ազատամարտին: Ըստ անոր, Շուշիի ազատագրման մասնակցած են մօտ հազար անձեր, բայց չորս հազար անձեր մետալ ստացած են Շուշիի ազատագրման համար: եթէ իրական հաշուառում կատարուի, անշուշտ եթէ ուշ չէ, ապա այդ սուղ միջոցները կարելի պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ օգտագործել: Դաշնակցական պատգամաւորը հարցուց նաեւ, թէ նոր կառավարութեան համար կենսաթոշակային բարեփոխման նպատակը ի՞նչ է, ատիկա ընկերայի՞ն ոլորտի բարեփոխում է, թէ՞ տնտեսական: եւ երրորդ հարցը, ըստ Աղւան Վարդանեանի, արդէն թեւաւոր խօսքի վերածուած է: Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին ուղղելով խօսքը՝ Աղուան Վարդանեան հարց տուաւ, որ այն արտայայտութիւնը՝ պարտադիր, բայց ոչ պարտադրուած՝ ինչո՞ւ այդ արտայայտութիւնը չէ դըրւած ծրագիրի պարտադիրի
կէտին մէջ: Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ չորրորդ հարցը, որ խնդիրներուն մեծ մասը անկէ կը բխի, որ մենք մէկ բան կ՛ըսենք, մէկ բան կը յայտարարենք, բայց այլ բան կ՛ընենք. պատգամաւորը հետաքրքրուեցաւ վարչապետին անձնական վերաբերմունքով: Ըստ անոր, վարչապետին ներկայութեամբ կատարուեցաւ քուէարկութիւն՝ իրաւունք - պարտաւորութիւն բառերու վրայ խաղալով, քուէարկութիւն կատարուեցաւ եւ անցաւ: Վարդանեան շեշտեց, որ եթէ այսպէս պիտի շարունակւի, վստահութեան խնդիրը պիտի դառնայ մեծագոյն խնդիրը: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, պատասխանելով հարցումներուն՝ նախ նշեց, որ Ազգային ժողովի քուէարկութիւններուն հետ ինք այլեւս կապ չունի եւ պատգամաւորներուն հարցն է իրենց կամքը ազատ արտայայտել: «ինչ կը վերաբերի Արցախի ազատամարտի մասնակիցներուն, հաշւառման մասով, ձեզի հետ համաձայն եմ, պէտք է ունենանք յստակ հաշուառում: Հաշուի կ՛առնենք ձեր առաջարկը: Կուտակային բարեփոխման վերաբերեալ, ատիկա ընկերային բարեփոխում է, այլ ոչ թէ տընտեսական: Պարտադիր, բայց ոչ պարտադրուած կը նշանակէ, որ մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որ մեր քաղաքացիներուն մօտ ընկերային լուրջ խնդիր չյառաջանայ», ըսաւ ան:
Սիմոն Վրացեանի ոգեկոչման նուիրուած այսօրուան վըկայութիւնը եզրափակելու համար, ունկնդիր մնանք նաեւ մեր օրերուն այնքան այժմէական ու խօսուն իր Պատգամին.«Պատմական իրողութիւն է, որ… Խորհրդային Հայաստանը շարունակութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան: եթէ տեղի չունենաին այն մաքառումները, որոնք յանգեցրին հայկական անկախ պետութեան ստեղծման 1918թ. Մայիսի 28ին, եթէ գոյութիւն չունենար Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ազգային կազմով ու նկարագրով, այսօր գոյութիւն չէր ունենայ եւ Խորհրդային Հայաստանը ազգային կազմով ու դիմագծով: «Հայաստանի խորհրդային
վարչաձեւը շատ ճիգ թափեց, որպէսզի ազատագրուի հայ ժողովրդի քաղաքական ժառանգութիւնից. մերժեց ընդունել «ամենայն հայոց կառավարութեան» դերը, հրաժարուեց Հայկական Հարցի հետապնդումից, ուրացաւ հայկական Սփիւռքի գոյութիւնը: ի զուր։ ժամանակը պարտադրեց նրան ճանաչել ե՛ւ Հայկական Հարցը, ե՛ւ հայկական Սփիւռքը, եւ անբնական չի լինի, եթէ վաղը իր վրայ առնէ եւ «ամենայն հայոց կառավարութեան» պատմուճանն էլ: «ժամանակը ունի եւ իր խորհուրդը: Հայաստանի Հանրապետության սերունդը եւ իր յաջորդները այդ օրուան են սպասում եւ պայքարում են այդ օրւայ համար: «Վարչաձեւերը ժամանակաւոր երեւոյթ են: «ժամանակաւոր են վարիչները: «Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները՝ հայրենի հողի վրայ նստած ժողովուրդները: «Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահւամբ մահը կոխկռտելով՝ կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է ապրել հայ ժողովրդի սրտում, որպէս մշտավառ յուշ անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյյս ապագայի»: